Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Մայր ու աղջիկ կը սպասեն նրբանցքին մէջ, որ Աղքատախնամի մը սենեակինն է, դրան քով: Մայր ու աղջիկ անխօս ու սաստուած, կը սպասեն հոն քով քովի: Իրենց աղքատ գեղացիի տարազներուն՝ փքուռոյց շալվարներուն, բաճկոնակին չփակներուն եւ մէջքի նախշուն գօտիներուն մէջ՝ կը պատատուի իրենց մարմինը, եւ հնուկ լաչակներ իրենց գլխուն յետսակողմը կ’ամփոփեն իրենց շագանագոյն մազերը: Մայրը մանկամարդութեան միւս եզերքը հասած է արդէն, բայց չափահաս կ’երեւայ մանաւանդ՝ դէմքին տառապագին գիծերուն եւ խորշումներուն համար, իր տժգունած եւ սպառած մարմնին համար. աղջիկը իր կարգին մանկութեան միւս եզերքը կեցած է, իր կարգին ա՛ն ալ տժգոյն, բայց գրաւիչ դիմագծերով, միամիտ, զարմացկոտ:

Նրբանցքին ստուերամած մթութեան մէջ իրենց դէմքերն ա՛լ աւելի տժգոյն կ’երեւան, եւ իրենց լռութիւնը կ’երկարի տխրագին երկարաձգումով մը: Կը սպասեն հոն՝ դրան մօտը, զգոյշ, վախկոտ: Ժամերով կեցած են արդէն, եւ յոգնած, ձանձրացած, ակնդէտ կը յուսան ելք մը՝ որ իրենց խնդիրը պիտի վճռէր. բայց այդ ելքը կ’ուշանայ, եւ մայր ու աղջիկ կը սպասեն դրան քով, մթամած նրբանցքին մէջ: Մերթ ընդ մերթ իրարու երես կը նային, ու նայուածքները րոպէ մը իրարու միանալէ ետքը՝ կը բաժնուին, մայրիկինը՝ գետին կը յառի նորէն, ու աղջնակինը՝ ձեղունին կ’ուղղուի: Մայրը ցաւագին հոգով մը կը տառապի յայտնապէս, աղջիկը՝ պարզամիտ՝ բան մը չհասկնալ կը թուի, ու չորս կողմը կը նայի շարունակ:

Բայց ահա հիմա երկուքն ալ կը նոյնանան իրենց վշտին մէջ: Մեծափոր ու ակնոցաւոր մարդ մը, որուն սենեակէն դուրս ելլելու պահուն՝ կինը աղերսարկու նայուածք մը մատուցած էր, անշուշտ խնդրելով որ փութացուի իրենց գործը թունդ պոռթկումով մը կը սաստէ զայն, կ’անարգէ, եւ կինը ահաբեկած՝ դէպի ետ կը դարձնէ իր այն մէկ-երկու մանրիկ քայլերը՝ զորս առած էր մարդուն մօտենալու համար. ու կ’երթայ նորէն իր տեղը կը կենայ, այս անգամ աւելի վեհերոտ, այս անգամ աւելի զսպուած:

Սաստումին ուժգնութեան տակ սահմռկած կը մնան մայր ու աղջիկ, ա՛լ իրենց անկարելի կը թուի նոյն իսկ իրենց կեցած տեղէն խլրտիլ, ասդին անդին դառնալ, ասդին անդին նայիլ: Կը սրսփան երկուքն ալ, ինչպէս տերեւներ՝ հովին շարժումներուն դէմ: Մայրը կը զղջայ ըրածին վրայ. կ’ուզէ ինքզինքին մէջ քաշուիլ, ամփոփուիլ:

Եւ իր տառապագին ու վշտամած դէմքը աւելի՛ շեշտուած արտայայտութիւն մը կ’առնէ. լալու բաղձանք մը կ’ունենայ, աչքերը գետին յառած՝ ստորին շրթունքը կը խածնէ, եւ աղջիկը՝ միշտ միամիտ՝ մօրը երեսը կը նայի, յետոյ նայուածքը նորէն վերերը կ’ուղղէ, ինքն ալ ցաւած, բայց միշտ միամիտ, միշտ զարմացկոտ:

 

«Սուրհանդակ» 1906, թ. 2212.