Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Հինգ Յունիս

Արուեստը՝ Ազատութիւն է, ըսաւ Մեհեանի նշանակներէն մէկը: Գրականութիւնը՝ անկախութիւն է, պիտի աւելցնեմ ես, եւ անկախութիւններէն ամէնէն մեծը, ամէնէն թանկագինը, ներքին մարդուն անկախութիւնը ուր մենք ինքզինքնուս հետ կրնանք ըլլալ՝ առանց արտաքին որեւէ միջամտութեան, քանի որ հոն մենք ինքզինքնուս վեհապետն ենք, վեհապետը մեր մտածմանց, մեր երեւակայութեան, մեր զգացումներու սահմանաւոր կամ անսահման աշխարհին:

Ասիկա ճշմարիտ է որքան ինքնաստեղծ գործերուն նո՛յնքան մեր դատումներուն համար՝ ուրիշի գործերուն վրայ: Կը սխալի՞նք թէ ոչ այդ դատումներուն մէջ՝ այդ չէ խնդիրը: Բաւ է՝ որ մեր բացարձակ անկեղծութեան մէջ ըլլանք հոն: Եթէ կան գրողներ, կամ քննադատներ, որ արտաքին աշխարհի յարաբերութիւններու, կախումներու, կեղծիքներու, երկիւղներու, նկատումներու հարկին տակ կը զգան ինքզինքնին գրականութեան աշխարհին մէջ ալ՝ կը նշանակէ թէ անոնք չեն գտած իրենց անկախութիւնը: Ստրուկներն են անոնք ու սրբապիղծները:

Գրական անկախութեան այս ըմբռնումը կ’ընդհանրանա՞յ, եւ գրականութեան աշխարհին անկախութեան սահմանները կ’ընդլայնի՞ն տակաւին մեր շուրջը, եւ ե՞րբ. յստակ պատասխան մը չկայ ատոր, քանի որ մարդիկ՝ մարդիկ են, նոյն իսկ ըլլան տաղանդներ արուեստի ու գրականութեան գործերու համար:

Սպասելով ատոր, հարթենք:

 

Տասնըչորս Յունիս

Այսօր հայկական ողիմպականը: Հայկական արիական ցեղին մարմնական արիացման տօնը:

Եւ միթէ կարելի՞ էր որ յամենար ան տակաւին՝ վերահաստատուելու այսօրուան հայերու կեանքին մէջ:

Պիտի ուզէի, սակայն, որ մեր պատանի կամ երիտասարդ մարմնամարզիկներու փորձերուն շարժիչ ուժը՝ չըլլար լոկ ըմբշական մրցակցութեան մը նախանձայոյզ ոգին: Պիտի ուզէի, որ անոնց իւրաքանչիւր շարժումը՝ ներքին էութեան մը կշռոյթն իսկ ըլլար, եւ ներքին գիտակցութեան մը բարբառը: Անոնց վազքը՝ արբեցողութեամբը ոգեւորուէր կայտառ տեսիլքի մը, անոնց ոստումն թռիչք մը ըլլար, անոնց մկանապրկումը՝ կամքը անդրիացնելու ճիգ մը, եւ անոնց երկաթարձակութիւնը ունենար նուաճումի թիրախ մը:

Եւ անոնց բոլոր մարմնախաղերուն ի տես՝ կարելի ըլլար ըսել. «Հայկական արիական հոգին է որ կը շարժի…»:

 

Տասնըեօթը Յունիս

Փարիզեան թերթի մը մէջ կը կարդամ թէ Լէօն-Տէօպէլ բանաստեղծին մահուան տարեդարձն է:

Իսկոյն յիշեցի, վերապրեցայ այն կսկիծը որ շիթեց հոգիիս մէջ հերու, այս ատեններուն, առտու մը երբ Փարիզ, Լիւքսէնպուրկի ծառերէն մէկուն տակ նստած, թերթի մը սիւնակներէն մէկուն մէջ կորսուած լուր մը կարդացի՝ թէ Լէօն-Տէօպէլ բանաստեղծը Մառն նետուեր եւ անձնասպան եղեր է, թէ իր դիակը գտնուելով մորկ փոխադրուեր է, թէ իր քովէն վեց սու միայն երեւան ելեր է, եւ թէ իր անձնասպանութեան շարժառիթը՝ չքաւորութիւնն է եղեր:

Չեմ յիշեր թէ ի՛նչ խորհրդածութիւններ ունեցայ այդ վայրկեանին. բայց կը յիշեմ թէ խորհեցայ քիչ մը բանաստեղծի ճակատագիրներու վրայ: Ոչ շատ առաջ, դարձեալ թերթի մը զանազան դէպքերու բաժնին տակ կարդացած էի ֆրանսացի նորերէն մէկուն, Ֆրանսիս-Լաթուշ բանաստեղծին եղերական արկածով մը ինքնաշարժի մը տակ մնալով մեռած ըլլալը: Եւ յետոյ, քիչ մը անդին, պարտէզին վարի կողմը, ծառերու տակ արձանը կար Վէրլէնին, որուն Անիծուած բանաստեղծներու հեղինակի դէմքը, այդ պահուն, կը թուէր թէ ինծի հետ կարդացած է Տէօպէլի անձնասպանութեան գոյժը:

Բայց կը յիշեմ ի վերջոյ թէ, երբ անձնասպանին պաշտօնակիցները հանգանակութիւն բացին արձան մը կանգնելու համար բանաստեղծին, Լորան-Թայեատ Քոմետիայի մէջ, իր թունաւոր նետերուն մէջէն կը սրտմտէր, որ փոխանակ յետ-մահու փութկոտութեան, Լէօն-Տէօպէլի ընկերները լաւագոյնը ըրած պիտի ըլլային՝ եթէ ատենին ուզէին հետաքրքրուիլ անոր վիճակովը: Լորան-Թայեատ ի վեր հանելով նաեւ Տէօպէլի ազնուական ու վեհանձն հոգին՝ ինքն իր մէջ ամփոփուելու համար իր ցաւերուն հետ, համաձայն չէր որ վեհանձնութիւնը ա՛յդ աստիճանին տարուէր, չքաւորութիւն մը պարտկուէր, որովհետեւ ատով քաղքենիներուն ինքնարդարացման միջոց մը կը հայթայթուէր… պէտք էր պահանջել:

  Լորան-Թայեատ իրաւունք ունէ՞ր: Թողունք ամէն մարդ իր մտածելու եղանակին հետ: Միշտ սակայն, վեհանձնութիւններուն գերագոյնը, թէեւ ոմանց համար անհասկանալի պիտի մնայ, ուրիշներն իր տառապանքներով չզբաղեցնելու վեհանձնութիւնը, Լէօն-Տէօպէլ ունէր ատկէ:

Լէօն-Տէօպէլ տաղանդ ալ ունէր, բայց չէր յայտնուէր: Իբր բանաստեղծ եւս դունուրեք կը յայտնուէր: Ինչպիսի՜ ջախջախիչ հակադրութիւն մը ասիկա՝ բազմութիւն մը անտաղանդներու ժխորալիր խաժամուժին հետ, որ հոն թէ հոս, անոնց մէջ թէ մեր մէջ, մէջընդմէջ հատոր մը շատաբանութիւն թոթովելով կը կարծեն բանաստեղծութիւն ըրած՝ եթէ ոչ հրա՜շք մը գործած ըլլալ:

Իրմէ հրատարակուած անտիպներէ մէկուն մէջ Տէօպէլ կ’ըսէ.

Messieurs, j’ai bien mal à la vie

Que cela soit dit entre nous!

Laissez-moi cacher mes genoux

Dans les fanges inabolies,

Ça fait trop mal d’être poète…

Տառապանք մը իրեն համար բանաստեղծ ըլլալը:

Վերջին ստուգումով, չքաւորութիւնը չէ եղեր Տէօպէլի անձնասպանութեան շարժառիթը, այլ առհասարակ կեանքէն զգացած իր զզուանքը:

Ո՛րքան ալ մենք հեռու ըլլանք անոնցմէ որ կեանքը զզուելի կը գտնեն, որքան ալ կեանքը ըլլայ մեզի համար երեւոյթ մը որուն մէն մի վայրկեանը խորհուրդ մըն է, ապա եւ ստեղծագործութեան տարր մը, բայց եւ այնպէս, չենք կրնար չկարեկցիլ մեր հեռաւոր եղբայրակցին, թաքչասէր ու մենաւոր հոգի, որ գուցէ գերագոյն խորհուրդը մահուան մէջ փնտռեց, փնտռեց թաքթաքուր ելք մը՝ կեանքէն դէպի մահ անցնելու, ու գտաւ զայն գետին եզերքը, գիշերուան նրբանցքներուն մէջ:

 

Վեց Յուլիս

Ասկէ վեց տարի առաջ, 1908ին, այս օրերէն մէկն էր ճիշդ օրը չեմ հիշեր հիմա որ սուգի մշուշի մը մէջէն սահող յուղարկաւորներ՝ մենք, Սամաթիայէն Պալըքլը՝ նեղ, խորտուբորտ ու լռակեաց ուղիներէ անցնելով, տարինք հողին տակ պահեցինք Մեծարենցի նշխարքը: Մեր երէկուան, այսօրուան ու վաղուան եղբայրակցութիւնը անդառնալի կորուստի մը աւաղումին արիւնը կը կաթկթէր մեր քայլերու հետքերուն վրայ…

Ու կարօտաբաղձութեան անդիմադրելի դրդում մը, հիմա ինծի փնտռել կուտայ իր զոյգ մը հատորները: Ահա՛ Ծիածանն ու Նոր Տաղերը, զոր ինքն իսկ նուիրած էր ինծի, բայց իր ձեռքով մակագրած ձօնը չկայ. յիշեցի, օ՜ դաժան հարկ, ես պատռած էի զայն… կանխազգուշօրէն: Այն օրերուն երբ կ’ապրէր ինքը, քաղաքական հալածանքը կը սպառնար միշտ մեզի, եւ որպէսզի իմ պատահական ձերբակալութեանս, կամ տանս խուզարկման պարագային, մի՛ գուցէ հաստատուէր թէ ինծի մտերիմ մըն է Մեծարենցը, պէտք էր եղած ջնջել իր ձեռագիրը, օ՜ դաժան հարկ…

Ահա կը կարդամ զինքը, իրեն հետ եմ այս պահուս, իր անուրջներուն ու բաղձանքներուն հետ՝ իր բուխ ու բաց-սիրտ զեղումներուն հետ զորս կը շարականէ, ա՜յնքան մաքուր խանդավառութեամբ ու ա՜յնքան պերճ ու յորդ իր բանով, բնութեան խորաններուն առջեւ. մինչեւ որ մահը, ահարկու յուղկահար իր ճամբաներուն վրայ, կ’առեւանգէ զինքը ու կը լռեցնէ: Մահը՝ որ կը հետապնդէր զինքը ապրելու ցանկութեամբ թրթռացող այս հոգին, երբ Լէօն-Տէօպէլ ինքն էր որ կը հետապնդէր մահը…

Օր մը, եթէ Մեհեանի թիւ մը նուիրենք Մեծարենցի, ինչպէս որ մտադիր ենք ընել ատիկա գիտեմ որ անգամ մըն ալ, եւ աւելի՛ փայլուն անգամ մըն ալ պիտի հաստատուին բանաստեղծի մեծ յատկութիւնները այս տղուն քով, իր մաքուր տաղանդը՝ որ նոր երգ մը հնչեցուց մեր բանաստեղծութեան մէջ, եւ որ կը խոստանար, կը խոստանար…

Իսկ այսօր, իր մահուան տարեդարձն է: Մեռելոց է ուրեմն: Կը կարդամ իր մէկ քերթուածը՝ Մեռելոց.

Ձմեռ օր մը, ձիւնին մէջէն, մի՜ս մինակ,

Ձիւնին մէջէն, տարի դամբանն իմ հոգւոյս,

Ժպիտով մը ծնած նախկին սէր մը կոյս.

Ըսպիտա՜կ վարդ որ սառեցաւ ձիւնին տակ:

 

Գարուն մըն էր, եւ համբոյրով մը բացուած

Դամասկեա՜ն վարդ, գինով արփին գաղջ գոլէն

Նըւաղեցաւ ուրիշ սէր մը, սէ՜րն, Աստուած՝

Զոր թաղեցի՝ յուսատ, կեանքին կանչելէն:

 

Ամրան վերջն էր, նայուածքով մը բողբոջած,

Դեղին վարդս ալ ինկաւ աշնան շունչին տակ.

Զայն վերցուցի՝ արդէն եղած յիշատակ՝

Ու նետեցի փոսին մէջ, ցա՛ծ, ա՜հ, շատ ցած:

 

Հիմակ ամէն մեռելոցի ես կ’երթամ

Անոնց մարմար դամբանին վրայ ցրտաշունչ,

Աղօթքով մը, կորած մէգին մէջ տարտամ

Անոնց յուշքին, մըտաթափառ, լուռ ու մունջ:

 

Ու մտածումս ալ, հէ՜գ, նժդեհ քահանայ,

Խաչ հանելով կ’ըսէ բառեր լուսեղէն,

Ու նայուածքըս կը բաժնուի երբ հողէն,

Հոգիս զանոնք անգամ մըն ալ կը մոռնայ:

 

Բայց իմ հոգիս, մեր հոգին, երբեք չի մոռնար զինքը, եւ այսօր նորէն սպասելով հաւաքական այցերուն զորս պարտաւոր ենք տալ սիրելի գերեզմաններու՝ մեր զմայլանքն ու մեծարանքը բարբառելու անոնց վրայ գրական ցոյցերով կ’երթայ զինքը փնտռելու այն անկիւններուն մէջ, ուր ան իր երազներու բեռը պտտցուց, եւ ուր մենք, մեր փոքրիկ խումբով, կը կարդայինք ու կը խօսակցէինք: Կ’երթամ անցնիլ, իրիկնային պահերուն, դէպի Սամաթիա՝ դէպի իր թաղը տանող պարտիզամիջեան ճամբաներէ, թուփերով եզերուած, որոնց մէջէն կ’անցնէր ինքը, կ’անցնէինք մենք, եւ որոնց վրայ թախիծի ու սուգի ստուերները կ’իջնէին դողն ի դող՝ արհաւիրքի օրերէն մաղուելով, մինչ կայծոռիկներ, զանակներ անտեսանելի հուրքի մը, կը կայծկլտային մութին մէջ:

Լռութեան ու մութին մէջ, մեր հոգիներու հուրքը կը կայծկլտար:

«Մեհեան» 1914, թիւ 7