Երկու
կամ
երեք
անցորդ,
—
իր
հապշտապ
գնացքին
մէջ
վայրկեան
մը
կանգ
առնող
գործի
մարդ,
կողովաբարձ
յամեցող
գնչու,
ու
փոքրատի
ստահակ
մը,
—
հաւաքոյթ
մը
կազմեր
են
լռին
ու
լքուած
փողոցին
անկիւնը,
փլփլկած
ցածկեկ
պատի
մը
տակ,
եւ
անշարժ
գետինը
կը
դիտեն:
Հազիւ
թէ
մերթ
իրարու
երես
կը
նային,
կարծես
խոստովանելով
թէ
անզօր
է
իրենց
խղճահարութիւնը,
եւ
թէ
իրենք
անբախտ
հանդիսականներն
են
եղերական
ներկայացումի
մը:
Ցածկեկ
ու
փլփլկած
պատին
տակ
այդ
լռին
ու
լքուած
փողոցին,
ուր
ամէն
ինչ
անդորրութիւն
է
ցերեկուան
համասփիւռ,
յորդ
արեիւն
տակ,
անորոշ
աղբերու,
ցրցքնուած
քարերու
եւ
տաք
փոշիներու
մէջ,
կռնակին
վրայ
տղայ
մը
պառկեր
է,
դեռ
խաղերու
տարիքը
ունեցող
մեծ
գլուխով,
եւ
ազազուն
մարմինով
տղայ
մը
—
ախտի
մը
ժառանգութիւնը
—
զոր
լուսնոտութեան
նոպայ
մը
զգետներ
է
կոշտ
հարուածով
մը.
ու
կը
թալթլի՝
փոշիի
պզտիկ
մրրիկ
մը
յարուցանելով,
աղտ
ու
կեղտի
մէջ
թաթաւելով
իրեն
պատշաճեցուած
այլանդակ
հագուստները:
Կին
մը,
իր
մայրը,
մանկամարդութեանը
մէջ
արդէն
իսկ
թօշնահար
ու
անճանաչ,
ինք
ալ
իր
ձեւէ
ելած
ու
գունատած
շրջազգեստին
քղանցքը
կը
փռէ
զազրալիր
գետնին
վրայ,
կուզիկ
ըրած
իր
զաւակին
քով,
եւ
ահաբեկումով
մը
որ
սակայն
ընկրկիլ
չի
տար
իրեն,
կը
ջանայ
վեր
վերցնել,
գրկել
զայն:
Բայց,
անջիղ
ու
անսուաղ
կին,
չի
կրնար:
Իր
անգոյ
ուժերուն
կ’ապաւինի,
կը
տքայ,
սնունդի
զրկանքէն
ու
աշխատութեան
բեռէն
յոգնած
իր
թեւերը
անոր
մէջքին
կ’անցընէ,
ու
չի
կրնար:
Որովհետեւ
տղան
կ’ընդդիմանայ՝
ջղաձգութեան
մը
տենդահար
պայքարովը,
անզսպելի
սարսուռներու
գալարեցնող
յորձանքի
մը
անձնատուր:
Ու
կը
ճչէ
կատաղօրէն,
մարդկային
այդ
խեղճուկ
շինուածքէն
գեր
ի
վեր
կատաղութեամբ
մը՝
որուն
աղբիւրը
ո՛ւր
է,
չես
գիտեր:
Անցորդները
պզտիկ
այլ
այսահարային
ներկայացումի
մը
հանդիսատեսներն
են
եղած:
Իրենցմէ
ոչ
ոք
կ’ուզէ
մօտենալ
մատաղատի
լուսնոտին,
որ,
դէմքը
այլափոխուած,
աչքերը
լեցուած
պղպջացող
արցունքներով,
շրթունքներուն
անկիւնը
թեթեւօրէն
փրփրած,
ոտքերը
գետին
կը
զարնէ,
քարերուն
կ՚իջեցնէ,
մէկ
ոտքը
միւսին
ետեւէն,
մերթ
երկուքը
միեւնոյն
ատեն,
որպէս
թէ
իր
մսի
հէգ
կտորը
չարչարող
անհուն
ու
բզքտիչ
ցաւ
մը,
—
սուր
գամ
մը
կուլ
տուած
ըլլալու
ցաւը,
—
զինքը
տանջէր,
որպէս
թէ
խարոյկ
մը
զինքը
բոցավառէր:
Բայց
ահա
մայրը,
իր
յետին
ճիգերուն
մէջ,
ինքնավար
ուժով
մը
կը
յաջողի
նուաճել
զայն,
եւ
իր
ծունկին
վրայ
առնել:
Իր
անգործօն
թեւերովը
ագոյցք
մը
կը
շինէ
ու
իր
զաւակը
կը
կապանքէ.
բայց
լուսնոտին
պոռչտուքները
նուազած
են՝
եւ
աստիճանաբար
լացի
ու
թզկիւններու
փոխուած.
հիմա
հանդարտ
է,
ու
ոտքերը
գետին
չի
զարներ:
—
Մա՛նչս,
—
կը
մնչէ
մայրը՝
դողդողացող
ձայնով
մը,
կարծես
չլսուելու
վախովը,
եւ
իր
հոգիէն
շեշտ
մը
դնելով
այդ
մնչիւնին
մէջ,
—
մա՛նչս:
Ու
հետզհետէ
իր
ցամքած
կուրծքին
կը
մօտեցնէ
իր
մանչը.
երեսը
անոր
դէմքին
կը
դպցնէ,
ու
կէս
մը
կ’օրօրուի
անոր
վրայ:
Եւ
կարծես
իրմէն
բխող,
զինքն
իսկ
յորդող
անսպառ
գորովով
մը
կ’ողողէ
զայն:
Դէմքը,
մեռելագոյն,
եւ
զարմանալիօրէն
գրաւիչ
ու
ցնցող
ստուերագրութեամբը
կնոջական
տառապանքներուն,
մօր
մը
աղապատանքին,
աստուածային
օծութիւնը
կը
կրէ:
Իր
զաւակը
վտանգէ
մը
ազատած
է,
եւ
ինք
կը
հրճուի,
ներքին
խոր
հրճուանքով
մը,
որ
վայրկեան
մը
իր
գետին
յառած
կիսախուփ
աչուըները
կը
փայլեցնէ
արցունքին
ցոլքովը:
Միջոց
մը,
այդպէս
անդրիացած
կը
մնայ,
մինչ
դէմքին
վրայ
որուն
ցաւագին
արտայայտութիւնը
զինքը
անգերազանցելիօրէն
կը
մայրացնէ,
հետզհետէ
աւելի
որոշապէս
կը
կեդրոնանայ
խանդաղատանքը,
որ
իր
էութեան
ամէն
մասերէն
կ’երկարի,
եւ
որ
անասելի
վշտի
մը
մէջէն
կը
պրիսմակուի
ու
կը
քաղցրանայ:
Պզտիկ
լուսնոտը
դեռ
կը
թզկայ
հանդարտիկ,
լռին
ու
լքուած
փողոցին
մէջ,
ուր
ցերեկուան
արեւը,
յորդազեղ
ու
համասփիւռ
անդորրութիւն
մը
կը
մաղէ:
«Ծաղիկ»
1904,
թիւ
6.