Հին
հիւղակը
կը
տեսնեմ
ճերմակ՝
որ
իր
առջեւ
բացուող
լճակին
երկնքին
մէջ
կը
շրջի
ճերմակ
բեկբեկումով
մը
կը
փլչի
գիշերուան
մութին
մէջ:
Եւ
անշուշտ
աղջիկները,
որ
ամէն
գիշեր,
հիւղակին
մէջ
իրենց
վարսերէն
տենչանքներուն
մահը
կ’ոստայնանկեն,
անոնք
ալ
լճակին
մէջ
կ’ընկլուզին
անոր
հետ:
Եղեւինները
որ
կը
պահնորդեն
հիւղակը,
լուսնի
ցոլքերէն
կանթեղուած,
ահա
անոնք
ալ
լճակին
մէջ
կ’իյնան,
անշուշտ
ուզելով
փրկիլ
հին
հիւղակը
ճերմակ՝
ուր
աղջիկները
կը
գործեն
անդարձ
մահերու
երգը
հիւսելով:
Ահաւասիկ
ամէն
ինչ
լճակին
մէջ.
ահաւասիկ
ողբերգութիւնը՝
տարտամ,
շփոթ
ու
տեսլական
ցոլացումով
մը
լճակին
մէջ
ամփոփուած:
Ո՛չ
ոք
գիտէ
թէ
ինչ
տեղի
կ’ունենայ
լճակին
մէջ:
Ո՛չ
ոք
գիտէ
մենաւոր
հիւղակին
պատմութիւնը
որ
պատմութիւնն
է
իր
պատսպարած
աղջիկներուն:
Ամէն
ինչ
կը
լռէ.
ոչ
ոք
պիտի
իմանայ
աղէտը:
Հաւալուսները,
անխռով,
ճակատագիրը
կը
խոկան:
Ո՛չ
ոք
պիտի
լայ
ջրամոյն
մահերը:
Եւ
վաղը,
աղկիոնները,
զուարթագին
պիտի
յածին
լճակին
վրայ,
ու
եղերական
ջուրերը
ըմպելէն՝
այերն
ի
վեր
պիտի
թեւածեն՝
կռնչալէն՝
լճակին
ողբերգութիւնը
խնդալէն: