Ամբողջական երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Եւ արահետը որ կը բարձրանայ՝ կանանչաւուխտ այգիներով եզերուած… Եւ գեղջկուհին, որ պզտիկ հերարձակ աղջկանը հետ այգիներէն դուրս կ’ելլէ ու արահետն ի վեր կը բարձարանայ դանդաղօրէն՝ ողկոյզով լի կողովն ուսին, թեւին մէկը դէպի վեր՝ ճիգի մը պէս գալարուած՝ բռնելով կողովը, մինչ միւս թեւը անկիւնաձեւ յեցակ ըրած մէջքին՝ որ բեռին ճնշումին տակ հակած է կողմնակի: Եւ ծառաշատ, ոստախռիւ ու ստուերալիր՝ տաճարական վեհութեամբն ու առանձնութեամբը խորհրդաւոր գերեզմաննոցը գիւղին՝ որ կը հանգչի տխրագին՝ արահետին մէկ կողմը, բարձրաւանդին վրայ… եւ վերջապէս, մուտքը, այդ մուտքը գիւղին՝ որ կը սկսի այգիները հազիւ թէ վերջացած՝ պուրակ-գերեզմաննոցովը եւ գեղեցկադիր լայնաւէտ տուներովը, նախ ցանցառ, ազատ իրենց մեկուսացման մէջ, արահետին աջն ու ձախը…

Ո՜վ այդ մուտքը գիւղին:

Ո՜վ վիպական քաղցրութիւնները որ կ’երգեն լռին՝ տրտմօրէն լռին, եւ կը յառնեն յուզումով թրթռուն կենդանի հատուածի մը աւարտած նկարչութեան մէջ, գիւղի այդ մուտքն իսկ…

Այգիներուն խորէն, որթատունկերու մէջ կորսուած, արեւուն մէջ մէկը կ’եղանակէ մեղմիւ: Ձի մը կը դանդաչէ յոգնաբեկ ու մտախոհ՝ իր վրայ բեռցած՝ գիւղ վերադարձող մը: Ծառի մը տակ անաղմուկ՝ խոտը կը ճարակին մէկ քանի այծեր: Անդին, հաւնոցէն բաժնուած հաւեղէններու բազմութիւն մը՝ խոշոր ու մանրիկ, կտցահարելով ու կտցահարելով շարունակ… Ու Ժիւլ-Ռընարեան գեղջկավայր մը բոլոր՝ միամիտ, անուշ: Հեռուի պատուհաններէն քնքուշ ձայներ կը լսուին երգի, կանացի ձայներ որ րոպէ մը կը մարին ու յետոյ աւելի կ’ոգեւորուին, թաւշեայ երկարաձգումով մը…

Այո, գի՜ւղն է, գիւղին մո՜ւտքն է, վերջապէս, նաւամատոյցէն մինչեւ հոդ ծոյլ ճամբորդութենէ մը ետքը… Ու խնդուրախութեան ի՜նչ վայրկեան զոր կը պատճառէ ոեւէ մուտք երջանիկ շրջանակէ մը ներս. ան խոստումն է, խոստումը այդ պահուն, մեզի համար, բնութենապաշտ վայելքի մը որուն ի խնդիր քաղաքներէն փախած էինք օր մը, մենք, Ազդականուէր խմբակը, եւ հասած մինչեւ հոդ, մինչեւ Պարտիզակ:

Ու կը դիտենք զայն ահա, Պարտիզակը, դուրսէն, մուտքէն, դեռ գիւղ չմտած: Գիւղ մը գուցէ քիչ անգամ, գոնէ մեր շրջանակներուն մէջ, որ այդքան երջանիկ բնութեան մը որդեգրուած գտած էինք, ա՛յդքան լայնօրէն անձնատուր բնութեան շռայլ ու բուխ գգուանքներուն, ա՜յնքան համարձակօրէն թառած անոր յորդ ու շքեղ լանջքին վրայ. ա՛յնքան անմիջականօրէն վայելող արշալոյսի ու լուսնածագի համբոյրները, որոնց հծծիւնը կը թուի թէ կը սարսռայ ամէն վայրկեան՝ գիւղին վրայ, եւ որոնց դրոշմը ա՛յնքան թարմ է ու ծաղկաւէտ…

Ահա արձակ ու հոծ բնութիւն մը՝ ամէն կողմէն, ահա՛ թեւերս բնութենապաշտ հաւատքի մը սքանչելագործած սեղանը՝ յարդարուած, պճնուած սեղանը… բլրակներ ամէն կողմը, վերն ու վարը, տեղ տեղ իսկատիպ ու անկարգ դալարիքի ըմբոստ գեղեցկութեամբը յայտնուած, տեղ տեղ սանտրուած հրապոյրով մը կանոնաւոր, արտերն են ատոնք, ու այգիները… Ու մարդերն են, ու նորէն բլրակները մինչեւ վար, մինչեւ հեռուն, մինչեւ ծով:

Ու ծովն է, Նիկոմիդիոյ պատմական ծովածոցը՝ որ կ’երկարի ու կը պարզուի, վարը, պնականկարի մը պէս, ծովածոցը՝ հարթ, հանդարտ ու միապաղաղ իր ջուրովը, որ կը տարածուի ինչպէս բիւրեղէ պալատի մը ապակեայ տախտակամածը, եւ անդին, ծովէն անդին, նօսր մշուշին մէջէն ստուերագծուող Նիկոմիդիան՝ որ կը կանգնի՝ քան թէ կը տարածուի, կը կանգնի ամփիթատրոնի մը նման, եւ կը թուի թէ որմնանկար մը կամ որմնազարդ մըն է՝ բիւրեղէ պալատան ապակիներու ընդմէջէն երեւացող…

Վարէն, արահետին վարէն կառքեր կու գան դէպի գիւղ: Ծառերուն տակ մեր հանգիստին մէջ՝ կ’անդրադառնանք մէնք մեզի: Պէտք է գիւղ մտնել:

Ու գիւղ կը մտնենք:

 

«Ազդակ» 1909, թիւ 37