Փետրուար…
Այսօր,
պահ
մը,
դիրք
առի
Արմոյի
աշխատանոցին
մէջ:
Պէտք
ունէր
ինծի,
իմ
մէկ
արտայայտութեանս,
իր
մէկ
նկարին
համար
որուն
վրայ
կ’աշխատի
եւ
զոր
պիտի
անուանէ
Մեսիան
կուգայ:
Եւ
մինչ
ինք
զիս
կը
դիտէր,
ես
ալ
կը
դիտէի
զինքը:
Իմ
առջեւ,
զմայլանքիս
եւ
խանդաղատանքիս
առջեւ
կը
բացուէր
իր
տեսլապաշտ
արուեստագէտի
հոգին՝
գունագեղ
տեսիլքի
մը
լուսնին
մէջ
փոխադրուած,
ուրկէ
ճառագայթներ
կ’առաքէր:
Իր
քիչ
մը
խոշոր
գլուխը,
յորդ
սեւ
մազերուն
դէզին
տակ
աւելի
եւս
ծաւալուն,
ամէն
անգամ
որ
վրձինի
հարուածներ
տալէ
ետքը,
աջ
ու
ձախ
կը
հակէր,
կը
թուէր
թէ
մերթ
կը
ցնցուէր
իբրեւ
թէ
յուզումի
ալիք
մը
բախէր
իրեն:
Կը
գուրգուրամ
երիտասարդ
ընկերոջս
կայծկլտացող
տաղանդին
վրայ:
Կը
սիրեմ,
յաճախ,
շրջապատուիլ
նորընծայ
նկարիչի
իր
գործերովը`
բաբախուն
հանճարեղ
յղացումներով,
որքան
թրթռական
խոր
յուզումով`
որ
յաղթանակի
խոստումներ
են:
Վերապրողները,
փոթորիկը,
Կրակէ
մարդոց
վազքը
ուժգնօրէն
քնարերգական
են:
Կը
հաւատամ
թէ
Մեսիան
կուգայն
անոնց
մէկ
նոր
համադրութիւնը
պիտի
ըլլայ:
—
Եթէ
կարենա՜մ…
եթէ
կարենամ
հաւասար
ներդաշնակութեամբ
ոգեկոչել
ի՛նչ
որ
երազ
մը
կ’երգէ
մէջս:
Ասիկա
այն
ատեն
պիտի
ըլլայ
գլուխ-գործոցս:
Բայց
աւա՜ղ,
ո՞չ
ապաքէն
ինչ
որ
կը
նկարենք
ու
կերգենք՝
մէկ
շողքն
է
միայն
այն
կրակին
որ
կը
վառի
յար
մեր
էութեան
խորը:
Եթէ
կարենամ
սակայն
այդ
շողքին
իսկ
իր
հարազատ
գոյնը
տալ
—
կը
խօսէր
սրտագին
շեշտով
մը,
մինչ
կը
նկարէր:
Եւ
իր
տժգոյն,
համակրելի
դէմքը,
թափանցող
սեւ
աչքերուն
ուշիմութեամբ
լուսաւոր
եւ
սրածայր
մօրուքով
մը
վերջացած,
նորէն
կ’ոգեւորուէր:
—
Շաբաթ
մը
ետքը,
պիտի
տեսնես,
պիտի
բերեմ
Մեսիան,
յարեց
վրձինը
բաժնելով
կտաւին
վրայէն:
Ի՜նչպէս
կը
սպասենք
անոր,
ի՜նչպէս
կը
սպասեն
անոր
միլիոններ…
Մեսիականութի՜ւն,
դո՛ւն
ես
նորէն:
Հաւատքէ
շունչով
կարմիր
պարմանին
ես
դուն,
որ
մահը
մահացուցած
ես
քու
նայուածքիդ
տակ
եւ
ինքնամուտ
այցելու,
կ’ապաստանիս
մեր
երիտասարդ
հոգիներուն
մէջ,
մշտնջենապէս
նորոգելու
համար
քու
ոյժերդ
անոնց
հեւքովը։
Մենք
քեզի
կը
հաւատանք,
մենք
քեզի
հետ
կը
հաւատանք
եւ
այն
ատեն
մեր
տկարութիւնը
զրահապատ
փաղանգ
մը
կ’ըլլայ,
մեր
դեդեւումները
վալքիրներու
արշաւ
մը
կը
դառնան
եւ
մեր
գիշերները՝
նոր
արարչութեան
մը
նախօրեակը:
Փետրուար…
…
Կը
քալէ:
Այո՛,
պիտի
ըլլայ,
պիտի
գայ
Մեսիան:
Արմոյին
աշխատութիւնը
առաջացած
է
բաւական:
Այսօր
տեսայ
զայն
նորէն:
Թէեւ
անաւարտ,
բայց
նախագիծը
ցոյց
կուտայ
արդէն,
լայն
պաստառին
վրայ,
մէկ
կողմը
բազմաթիւ
գլուխներ,
անհամար
դէմքեր
երկնչումի,
անգոհի,
յոյսի
ու
աղապատանքի
արտայայտութիւններով՝
անստգութեան
մէջ
շփօթ,
ինչպէս
մարդկութիւնները
որ
խաբուած
են,
բայց
միշտ
կը
յուսան,
դէպի
տարօրինակ
երեւոյթ
մը,
որ
կը
ծագի՝
բայց
չի
ծագիր,
ինչպէս
Մեսիաները
բոլոր
որ
եկած
են
ու
չեն
գար…
Ձեռքը
սեղմեցի
ոյժով:
Իր
սեղմումն
ալ
նոյնքան
ոյժով
էր:
Երկու
ոյժերու
հաղորդականութիւնը
եղաւ
այդ,
իրարմով
ջերմացած,
իրարմով
բոցարծարծ:
—
Այդքան
փութկո՞տ
ես,
դեռ
ոչինչ
կայ
լրացած:
—
Բայց
գոյները
կ’երգեն
արդէն:
—
Օ՜
անոնց
երգը:
Եւ
ատիկա
պիտի
ըլլայ
երգ
մը
ա՛յնքան
բարդ
ու
ա՛յնքան
խոր:
Հծծիւններու
եւ
կողկողներու
մեղեդիին
հետ
պիտի
լսուին
ոյժի
եւ
կամքի
որոտները:
Մեսիան
որ
պիտի
գայ՝
փոթորիկ
մը
պիտի
ըլլայ
ու
փայլատակում
մը:
Ի՞նչ
է
Մեսիան.
մեր
հաւատքն
իսկ,
մեր
կամքը,
մեր
տենդերը,
մեր
գերագոյն
ապրումներն
իսկ,
որ
կը
վերածնանին
զայն
ամէն
անգամ
որ
կը
մեռնի
ան:
Մշտական
արշաւն
է
ան,
Մեսիան:
Աննուաճ
կորովի
խրոխտ
աւետարանը
պիտի
աւետարանէ
իմ
Մեսիաս:
Մեր
Մեսիան
պիտի
ըլլայ
ան:
Բազմապիսի
յուզումներու
համերգութիւն
մը
պիտի
ըլլայ
այս
պաստառը:
Ի՜նչպէս
կ’ապրիմ,
ի՜նչպէս
կ’ապրիմ
այս
ամէնը:
Եթէ
կարենա՜մ
սակայն,
եթէ
յաջողիմ…
Եւ
ձեռքովը,
ջղաձգօրէն,
հարուած
մը
տուաւ
մազերուն,
ճակտէն
դէպի
ետ:
Սպասում
մը
կը
սարսռացնէր
զինքը.
կը
զգայի
որ
հառաչ
մը
կը
զսպէր
կուրծքին
խորը:
Մարտ…
Արմօ
հիւանդ
է:
Չէ
կրցած
կանոնաւորապէս
աշխատիլ,
երեք
օրէ
ի
վեր:
Այսօր
իր
քով
էի
դարձեալ:
Պահ
մը
դիրք
առնել
տուած
էր
իր
բարեկամուհիին,
Շառլօթին,
բայց
շուտով
վրձինը
վար
դրած:
Ի՜նչ
անուշ
աղջիկ՝
սա
Շառլօթը.
հիւսիսցիի
մը
խարտեաշը
իրը,
բայց
իր
կապոյտ
աչքերը
հարաւային
երկնքի
մը
քաղցրութեան
երազին
կը
պատասխանեն
եւ
տխրօրէն
կը
ծաղկին
դէմքին
բարի
ու
բաց-գոյն
ծիծաղկոտութեան
վրայ:
Ճերմակ
հագուած,
ինչպէս
դիւթավէպէ
մը
դուրս
ցատկած
պայիկ,
աշխատանոցին
նկարներուն
ընդմէջէն
իր
աշխոյժ
երթեւեկները՝
թռչկոտումներն
են
ճերմակ
թիթեռնիկներու
հոծ
երամի
մը՝
մոլորած
տարաշխարհիկ
ծաղիկներու
թաւ
տունկերուն
մէջ:
Ա՛յնքան
կը
գորովի
Արմոյին
վրայ,
ա՛յնքան
կը
սիրէ
զայն:
Յաճախ
լսած
եմ
դաշնակին
վրայ
իր
նուագելը՝
Արմոյի
աշխատանոցին
մէջ:
—
Գիտէ՞ք,
պարոն
Մարզ,
ըսաւ
փութկոտ
այլ
սրտաբեկ,
այսօր
երբ
զիս
ընդունեց՝
դուռը
բանալով,
Մեսիան
չեկաւ
տակաւին…
—
Բայց
պիտի
գայ
անշուշտ,
օրիո՛րդ:
—
Պիտի
գա՛յ,
գոչեց
թիկնաթոռին
մէջէն
Արմօ,
ուղղաձիգ
շեշտով
մը,
որ
անայլայլ
պատգամ
մը
կը
թարգմանէր:
Ի՞նչպէս
թէ
չպիտի
գայ,
երբ
իմ
բոլոր
կարողութիւններս,
կարողութիւններուս
գերագոյնն
ու
անպարտելին
սպառազինած
եմ:
Եւ
ա՛յնքան
վճռականութիւն
ու
հաստատակամութիւն,
ա՛յնքան
հաւատք
ու
ներշնչում
կար
իր
արտաբերումին
մէջ,
որ
մտածել
պիտի
տային
վստահալից
սպասումի
մը՝
իսկական
Մեսիայի
մը
համար՝
իրականութեան
մէջ.
բայց
միթէ
արուեստը
նո՞ւազ
զօրաւոր
է,
աւելի
զօրաւոր
չէ՞
քան
իրականութիւնը:
Ապրիլ…
Պիտի
գայ:
Մօտ
երկու
ամսուան
բացակայութենէ
մը
ետքը,
վերադարձիս
այսօր
Արմոյին
քով
գացի:
Ի՜նչպէս
կը
յուսայի
խնդակցիլ
իրեն,
քանի
որ
նկարը
աւարտած
պիտի
ըլլար:
Յուսախաբութեան
հարուածը
սաստկօրէն
հարուածեց
զիս:
Արմօ
պառկած
էր,
անկողինին
մէջ,
ուժատ,
սպառած,
տժգունած:
Շառլօթ
քովն
էր՝
տխրած:
Առաջին
ակնարկիս,
որով
նկարը
փնտռած
էի
ներս
մտնելուս,
անիկա
մնացած
էր
նկարակալին
վրայ,
այնպէս
ինչպէս
որ
էր
ամիս
մը
առաջ:
—
Պառկա՞ծ,
հի՞ւանդ
եւ
ինչո՞ւ
համար,
առանց
Մեսիան
բերելու…
Կոկորդս
կը
ցամքէր:
—
Հիւանդ
եմ,
Մա՛րզ:
Ինկայ
մէկէն
ի
մէկ:
Ոյժերս
կը
խուսափին
ինէ՝
հակառակ
զիրենք
հաւաքելու
համար
փորձած
ճիգերուս:
Բայց
չեմ
վհատած
երբեք:
Ընդհակառակն:
Այնպէ՜ս
յուսալից
եմ:
Եւ
այս
անգամ
որ
վրձինը
ձեռք
առնեմ,
մէկ
շունչով
պիտի
աւարտեմ
գործս:
Պիտի
կերտեմ
զայն,
պիտի
աւարտեմ,
Մարզ:
Մեսիան
պիտի
գայ,
ապահով
եղի՛ր:
—
Ապահո՛վ
եմ,
աւելի
քան
դուն,
Արմօ՛:
Մեկնող
արեւին
յետամնաց
լոյսերն
ալ
գաղթած
էին
աշխատանոցէն
եւ
իրենց
թողած
մթագին
ամայութեան
մէջ,
Արմոյի
դէմքին
բորբն
ու
խռովքը
կ’ալեկոծէին:
Խօսեցանք,
քիչ
մը
իր
հիւանդութեան
մասին,
քիչ
մը
իմ
ճամբորդութեանս:
Յետոյ
Շառլօթ
դաշնակեց:
Լոհենկրինէն
հատուած
մը
կը
նուագէր,
սէգ
եւ
խոր՝
ինչպէս
վսեմ
վիշտը:
—Լոհենկրինն
է,
յանկարծ
խօսք
առաւ
Արմօ,
եւ
ծանրաշեշտ
արտասանութեան
մը
պէս,
որուն
դաշնակը
կ’ընկերանար,
յարեց.
—
Ահա՛
կը
տեսնեմ
զինքը,
Լոհենկրինը,
իր
նաւակին
մէջ
կեցած
զոր
կարապը
կը
քաշէ
դիւթական
շղթայով
մը,
ջրերուն
վրայէն:
Մեսիա
մը
չեղա՞ւ
ան
ալ՝
Էլզային
համար:
Ես
կարապն
եմ
որ
Մեսիան
կը
բերէ:
Ես
վիշապն
եմ
որ
Մեսիան
կը
բերէ:
Եթէ
չէ
եկած
իմ
Մեսիաս,
եթէ
չէ
եկած
մեր
Մեսիան,
պիտի
գայ
ա՛ն
ալ:
Մե՛նք
պիտի
բերենք
զայն,
Մա՛րզ,
մեր
կրակէ
թեւերովը,
մենք
պիտի
առաջնորդենք
զայն,
փոթորկոտ
ջրերը
ճեղքելէն…
Հաւատքը
կը
թնդար
մարդկային
այս
կէս
աւերակին
խորէն,
եւ
կամքի
հզօր
շունչ
մը՝
որ
կը
մրրկէր,
նուաճելով
զիս
ու
իրերը
բոլոր:
Աչքերս
յանգեցան
թերաւարտ
նկարին
վրայ,
աջակողմս,
դիմացը
եւ
իրիկուան
ստուերովը
լեցուած
անկիւնին
մէջ,
անիկա
աւարտած
երեւցաւ
ինծի,
հզօր,
փայլակնացայտ:
Ինծի
թուեցաւ
թէ
Արմոյի
հոգին
կը
թռչէր
պաստառին
վրայ
եւ
իր
կարմիր
թեւերով
կ’առաջնորդէր
Մեսիան.
թէ
Մեսիան
կուգար
արդէն
խոր,
գոռ
ու
հեռաւոր
երգերու
մէջէն
եւ
մարդիկ
կը
ճչային
ահաւոր
ճիչով
մը:
«Նաւասարդ»
տարեգիրք,
1914