Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Մա՜ննա, Մա՜ննա, երազագեղ աղջիկ, որ յուշերուս եղերական աւերքին մէջ կը քալէս՝ ցայգին կուրծքէն լսուող մեղեդիի մը պէս թրթռագին, եւ գեղեցկութեան ու արիւնի բոյրեր սփռելով սափորէդ, ահա կը տեսնեմ, այս գիշեր, նորէն, կանգդ՝ կարօտներուս լուսնաւէտ մարմանդին վրայ:

Ո՞ւր մնաց տունը, եղնիկի նայուածքով տենչերուս եւ ծաղկեզարդ տրտմութիւններուս մուզէոմը ուր հիւրընկալը եղար դուն ատեն մը ճերմակ տունը ծառաստանին մօտը, երբ, ամէն իրիկուն, ծառերը, բարձրակաց պահակներ, շտապօրէն գիշերով կը պատատէին զայն, ու դուն, լոյսի մը պէս կը դիմաւորէիր գիշերը՝ ճերմակ տունին մթութեան մէջ, երբ, շատ իրիկուն, անրջածաղիկներ կը փեթտէիր՝ քու ծաղկեսափորէդ՝ իմ յոյզերուս վրայ, շոփենեան հոգեբաղձութիւններուս ծածանուտ քաղցրութիւններուն վրայ Մա՜ննա:

Մա՜ննա, պերճաշուք աղուաբոյր տունկ՝ տեսիլքներու ջուրի մը վրայ աճող՝ միսի, խորհուրդի ու ըղձանքներու: Ահա կը լսեմ, ճերմակ տունին պատշգամին վրայ, կամ ծառերուն թեւերուն տակ, քու մարմնիդ դաշնահունչ եւ բարձրաթիռ կշռականութիւնները՝ որ, ազնուահիւս պարեգօտիդ մութ կապոյտին մէջէն՝ դէպի իս կ՚արձագանգեն. դէպի իս, դէպի խոր անձաւ մը ուր գալարումներ կը սլանան ու կ՚օձամանուին: Ահա՛, հանդարտ ու վէս, կը մօտենաս ինծի, ու կը ծաղկիս դիւթանքներու ջրվէժի մը պէս՝ խռովքներուս զարթումին վրայ…

Այն ատեն, սակայն, անդորրութեան մէջ խորին անձկութիւն մը կը ծաւալէր՝ իմ հոգիիս փարելով, զիս երկարօրէն համբուրելով, զիս գրկելով, որովհետեւ քու նայուածքդ կը ծաւալէր իմ շուրջս, որովհետեւ քու նայուածքդ աստուածներու մահէն յաճախուած քրմուհիի մը անդարմանելի տխրութեամբը կը ծաւալէր: Քիչ ատեն առաջ պատահած տրամի մը արտասուահեղձ սուգը կը պահէր քու նայուածքդ, Մա՜ննա: Քու մարմինդ գեղակառոյց յիշատակարանն էր որ մեծ սուգը կը պահէր իր կատարներուն վրայ, Մա՜ննա:

Քու մարմինդ, Մա՜ննա, հրապոյրներու շթաքա՜ր մըն էր՝ ամէնէն գեղեցիկ երգերէն մէկուն մէջ բիւրեղացած՝ խորհրդամրմունջ վտակի մը եզերքին, որ ստուերախիտ ու թաքթաքուր ակունքներէ բխելով, քու պատուանդանդ կը ցօղէր, եւ սիրոյ, սուրի, արիւնի, հերոսութեան ու մահուան հէքեաթ մը կարծես կը պատմէր, քու շուրջդ, ողբագին երաժշտութեան մը մշտանուագ սարսուռներուն մէջէն…

 

Ու օր մը, իրիկուն մը՝ գեղեցկութեան եւ հերոսութեան չեմ գիտեր ո՞ր գրքին ընթերցումէն ետքն էր, իրիկուն մը մտիկ ըրի այդ հէքեաթը, ճերմակ տունին պատշգամին վրայ: Ո՜վ հայրենի տրամներու արհաւիրքն ու մեծութիւնը:

«Իմ պատմութի՜ւնս է ադ. ե՛ս ալ ունիմ իմ պատմութիւնս, գիտե՜ս», երգեցիր ձայնով մը ուր մարմարներու վրայ իրենց տրտմութեան քաղցր շուքը փռած հեթանոս գեղեցկուհիներէն մէկը կը յառնէր:

Եւ, վարսաւէտ վարդերանգ գլուխդ ուղղաձիգ, երկիւղածօրէն հանդարտ դէմքով մը ուր նայուածքիդ նուաղքը աւելի խոր կը նկարուէր, պատմեցիր, քու շեշտովդ՝ անբիծ ու միամիտ, հէքեաթը որ, ինչպէս խորհրդամրմունջ վտակ, քու շուրջդ կը հեծկլտար:

Արծուենի ու հոյարձակ պարմանի մըն էր փայլուն, որ երբ հոն էիր, հո՛ն՝ հայրենի երկրիդ մէջ քու գեղեցկութեանդ բոյրէն արբեցած, քեզի համար իր տենչանքին մէջ պայքարեցաւ ու մեռաւ. քեզ տենչացող պիղծերու դէմ պայքարեցաւ՝ իր սիրոյն ասպարովը վահանուած եւ իր սուրը կրկնապատկած իր նախանձին սուրովը: Իր սուրբ ատելութեան մէջ թաթաւած՝ վէրքեր ժայթքեցուց թշնամիներուն վրայ, ու յետոյ մեռաւ ինքն ալ, գիշեր մը, փոթորիկի գիշեր մը, հո՛ն, հայրենի լեռներուն վրայ:

Ո՜վ փայլատակող հերոսութիւնը արիւնի ու սիրոյ:

Ու երազեցի արդէն, աչքերուդ զմայլանքին ու վիրաւոր տրտմութեան մէջէն, ինչպէս կ՚երազեմ հիմա, հայրենի լեռներու գահաւանդներուն վրայ, պարմանին խայտագեղ ու շքեղ, հասակը ցցած դէպ առաջ՝ իր գրոհին մէջ. իր արիութեան ու վճիտ հոգւոյն ցոլքը իր սուրին վրայ՝ ու սուրը իր գլխուն վերեւ պառկած՝ գիշերը ճեղքելէն. արիւնի ժայթքում ու մա՜հ. քու գեղեցկութեանդ, քու ազատութեան, քու փառքիդ համար, Մա՜ննա:

Ո՜վ արհաւրալի պաշտամունքի տօնը ցայգային՝ սիրոյ ու գեղեցկութեան:

 

Եւ, ո՜վ Մաննա, որուն գեղեցկութեան կամարներուն մէջ կը հնչէ, եւ որուն աչքերէն կը նայի փայլակնագեղ տրամին հանդիսաւոր հէքեաթը, դուն չե՞ս իմ հայրենիքիս աղջիկը՝ իր գեղեցկութեան վրայ խաչուած, ու անկէ արիւնոտած: Դուն չե՞ս աղջիկը՝ որ, երբեմն զուարթ ու աւելի մատղաշ, երգող ու զուլալ ջուրերու սափորակիրը հայրենի աղբիւրներու ճամբուն վրայ, հիմա սափորը կը կրես, ծաղկեսափորը՝ արիւնի ու գեղեցկութեան բոյրերուն՝ քու տարագիր կեանքիդ արահետներուն վրայ, ու յուշերուս եղերական աւերքին ուղիներուն վրայ…

Մա՜ննա, ահա կը շնչեմ զանոնք. բոյրեր Հայաստանի ու երազի, բոյրեր տառապանքի ու տենչանքի, բոյրեր արիւնի ու բոյրեր գեղեցկութեան: Եւ դուն կը հեղուս զանոնք, կը սփռես զանոնք նայուածքիդ անպատում խռովքին մէջէն, վարսերուդ մեծվայելուչ հմայքին, մարմնիդ հանդիսաւոր համերգութեան քու պատմութեանդ ու քու երազայնութեանդ մէջէն, Մաննա՜, Մաննա՜, որ կ՚անցնէիր ճերմակ տունին իրիկուններուն եւ կ՚անցնիս ահա իրիկուններուն կածաններէն՝ կրելով ծաղկեսափորը սիրոյ, գեղեցկութեան եւ արիւնի բոյրերուն…

 

«Ազատամարտ» 1912, թ. 786.