Արտաշ
եւ
Գառնիկ
երկու
փոքր
դժբախտներ
են,
աղքատ
ծնողքի
զաւակ,
որոնք
կազմատունի
մը
մէջ
կ՚աշխատին
իրարու
հետ:
—
Ա՛յ
մէջքս,
Արտա՛շ,
անանկ
յոգնեցաւ
քի:
—
Եա՛
իմ
թեւե՞րս,
հիչ
չես
հարցըներ:
Եւ
երկու
պզտիկ
բանուորներու
ձայնը,
փսփսոցի
մը
նման
հազիւ
լսելի,
խեղդուեցաւ
կազմատան
մութ
սրահին
լքուած
մէկ
անկիւնին
խորը,
ծալլուող
մեծածաւալ
թուղթերու
խշրտուքին
ու
դժնէտեսիլ
մեքենաներու
խուլ
դղրդումին
մէջ:
Առտուընէ
ի
վեր,
շատ
կանուխէն,
գործի
սկսած
էին
անոնք,
իրենց
մանրիկ
մարմիններովն
ու
թեւերովը
անդադրում
շարժած,
թուղթ
ծալլած
եւ
թուղթ
կտրելու
մեքենան
դարձուցած
էին.
եւ
ահա
իրիկուն
եղած
էր
գրեթէ,
բայց
աշխատութիւնը
չէր
վերջացած
տակաւին,
հակառակ
իրենց
յոգնաբեկ
եւ
ուժասպառ
վիճակին,
տակաւին
անոնք
իրենց
կարողութեան
վերջին
մնացորդովը
կը
փորձէին,
որպէսզի
մթնէր
բոլորովին
ու
տուն
դառնային:
Այն
ատեն,
ա՜խ,
ո՛չ
ոք
կրնայ
գիտնալ
թէ
այն
ատեն
այս
տղեկները
ի՜նչ
մէծ
երանութիւն
մը
կը
զգային,
վե՜րջապէս
ազատ
համարելով
ինքզինքնին,
մտածելով
թէ
վե՜րջապէս
պիտի
կարենային
քիչ
մը
հանգչեցնել
իրենց
չարչարուած
անդամները:
Այնքան
տաժանելի
էր
իրենց
աշխատութիւնը,
բայց
որո՞ւ
կրնային
դժգոհիլ:
Ո՞վ
ականջ
կուտար
տանջանքին
զոհաբերուած
այս
հէգ
պզտիկ
բանուորներու
գանգատին:
Եւ
իրենց
այդ
անտեսուած՝
արհամարհուած,
մոռցուած
վիճակին
գիտակցութեամբը,
յուսահատած
ամէնէն,
նորէն
իրարու
կ’ապաւինէին,
իրարմով
սփոփանք
կը
փնտռէին,
գաղտնօրէն
իրենց
վիշտն
ու
յոգնութիւնը
մրմնջելով
իրարու
միջեւ:
Շատ
պզտիկ
էին
տակաւին
երկուքն
ալ,
Արտաշն
ալ,
Գառնիկն
ալ:
Հազիւ
ութը-ինը
տարու
տղաք,
իրենց
ազազուն,
անսուաղ
ու
դալկահար
մարմինները
շատ
կարօտ
էին
անկաշկանդ,
բաւարար
կեանքի
մը,
աճելու
եւ
ուռճանալու
համար:
Բայց
աղքատութիւնը
հալածած
էր
զիրենք
ա՛յնքան
անխղճօրէն,
որ
ո՛չ
միայն
զրկուած
էին
այդ
կեանքէն
ու
դպրոցէն,
այլ
եւ
գուրգուրանքներէն,
եւ
այն
բոլոր
հոգեկան
ու
բարոյական
հաճոյքներէն
որ
իրենց
տարեկիցներուն
երջանկութիւնը
կը
կազմեն:
Խաղ
ու
զբօսանք
իրենց
համար
չէին:
Իրենց
վրայ
մտածող,
զիրենք
սիրող
ու
հոգացող
չունէին,
քանի
որ
իրենց
ծնողքը,
ցամաք
ու
ողորմելի
ապրուստ
մը
ճարելու
տաժանքին
ենթակայ,
իրենցմով
զբաղելու
ժամանակ
չէին
գտներ:
Եւ
իրենց
ա՛յդքան
մատղաշ
հասակէն
գործաւոր
եղած,
խստապահանջ
իրականութիւնը
շատ
կանուխէն
մէյմէկ
պզտիկ
փիլիսոփաներ
դարձուցած
էր
զիրենք:
Ամառ
ձմեռ,
մութնուլուսուն,
պանիր
հացէ
կամ
միայն
ցամաք
հացէ
բաղկացած
իրենց
չըխընները
թեւերնուն
տակ,
քուներնին
ծախած,
դուրս
կ’իյնային
իրենց
տնակներէն
—
Արտաշ՝
Սկիւտար,
Չարտախին
կողմը
կը
բնակէր,
եւ
Գառնիկ՝
Խաս-Գիւղ
—
եւ
իրենց
մանրիկ
արագ
քայլերը
կը
փութացնէին՝
առջի
շոգենաւին
հասնելու,
ժամանակին
իրենց
գործարանին
դրան
առջեւ
պատրաստ
գտնուելու
համար:
Այո՛,
իբր
թէ
մինչեւ
իրիկուն
տեւող
կեղեքիչ
տանջանքը
չբաւէր,
պարտաւոր
էին
առտուներն
ալ
սպասելու
մինչեւ
որ
կազմատան
դուռը
բացուէր:
Ճակատագրական
էր
այդ
սպասումը՝
նոյն
իսկ
ցուրտ
ու
բուքին,
որ
ատեն
պզտիկ
բանուորները
դրան
տակ
կ՚ապաստանէին,
ձեռքերնին
տաբատնուն
գրպանը,
ուսերնին
ցցած,
իրենց
հագուստին
մէջ
անպատսպար,
մսելով,
դողդղալով:
Եւ
իրենց
այս
տառապագին
կեանքին
մէջ
էր
որ
եղբայրագրուած
էին
իրարու
անծանօթ
այդ
պզտիկ
տղաքը:
Տղու
հոգիներու
յատուկ
դիւրահաղորդ
մտերմութիւնը
շատ
շուտով
միացուցած
էր
զիրենք,
եւ
թերեւս
անգիտակցաբար,
թերեւս
բնազդաբար,
պէտքը
կը
զգային
մէկմէկու
նկատմամբ
գուրգուրալու,
իրենց
ցաւերը
նոյնացնելու՝
սիրազեղ
փոխադարձ
հոգածութեամբ
մը
տաքցնելով,
զօրացնելով
իրար:
Այո՛,
իրենց
բարեկամութենէն
դուրս
ուրիշ
ի՞նչ
ունէին,
ուրիշ
ի՞նչ
կրնային
յուսալ,
եւ
միայն
այդ
բարեկամութիւնն
էր
որ
կը
գոհացնէր
զիրենք,
միայն
անո՛ր
մէջ
էր
որ
պահ
մը
ուրախ
կը
զգային
ինքզինքնին:
Անմիջապէս
իրարու
օգնութեան
փութալ՝
ամէն
անգամ
որ
իրենցմէ
մէկը
նեղուէր,
օրինակի
համար
դժուարութիւն
կրէր
մեքենան
դարձնելու
ատեն,
մէկ
մէկու
թերիները
լրացնել
կամ
ծածկել,
իրենց
կէսօրուան
պաշարներէն
իրարու
տալ՝
երբ
իրենցմէ
մէկունը
պակաս
գար,
—
Արտաշ
ու
Գառնիկ
կ՚ընէին
այս
ամէնը,
վասն
զի
պէտք
մը
կը
նկատէին
այդ
բանը,
վասն
զի
կը
սիրէին
իրար:
Մինչեւ
իրիկուն
վայն
ի
վրանին
կուգար,
բայց
նորէն
քաջութիւնը
կ’ունենային
սիրտ
տալու
իրարու:
Է՜հ,
այո՛,
մերթ
ընդ
մերթ
իրենց
մանկական
հոգին
ընդվզումներ
կ՚ունենար,
մանաւանդ
երբ
գործապետին
բիրտ
բռունցքը
իջնէր
իրենց
մատաղ
գլխուն
կամ
կռնակին,
եւ
այն
ատեն
հէգ
պզտիկներուն
աչքին
խորը
արցունք
մը
կը
պլպլար.
բայց
ի՜նչ
օգուտ,
մինչ
իրենց
տարեկիցներն
այդ
պահուն
իրենց
մայրիկին
օգնութիւնը
պիտի
կանչէին,
պզտիկ
բանուորներուն
համար
այդ
ապաւէնը
շատոնց
կորսուած
էր
արդէն:
Եւ
անմիջապէս
անդրադառնալով
իրենց
վիճակին,
այն
անել
ճամբուն
մէջ
ուր
ինկած
էին,
որ
զիրենք
սիրող
ձեռք
մը
չպիտի
կարկառէր
բնաւ,
անտրտունջ,
համակերպիկ,
կը
շարունակէին
իրենց
գործը,
արագ
արա՛գ
ծալլելով
թուղթերը,
արագ
արա՛գ
դարձնելով
մեքենան:
Այդ
դաժա՜ն,
անսիրտ
մեքենան,
գործաւորներու
ահ
ու
սարսափը:
Ծնունդի
խթման
օրն
էր:
Ամէն
մարդու
քով
բանի
մը
պատրաստուելու
տեսակ
մը
այն
վիճակը
կար
զոր
կը
բերէ
ոեւէ
գլխաւոր
տօն:
Արտաշ
ու
Գառնիկ
ալ,
թէեւ
Ծնունդէն,
ինչպէս
ոեւէ
տօնէ,
օգտուելու
պատճառ
մը
չունէին,
բայց
անոնց
քո՛վ
ալ
յայտնի
կ’երեւար
այդ
վիճակը:
Չէ
թէ
նոր
զգեստ,
կամ
նոր
կօշիկ
առած
ըլլալնուն
համար.
չէ՛,
ատոնցմէ
ո՛չ
մէկը
իրենց
համար:
Բայց,
է՜,
տղայ
էին
վերջապէս,
եւ
ո՞ր
տղան
բնազդաբար
ուրախութիւն
մը
չզգար
ոեւէ
տօնի
առիթով:
Արտաշ
ու
Գառնիկ
եթէ
քիչ
մը
ուրախ
էին՝
պատճառը
այն
էր
որ
իրիկունը
առտու
ժամ
երթալու
առիթ
պիտի
ունենային,
եւ
յետոյ
երկու
օր
հանգիստ
պիտի
ընէին
եւ
ատեն
պիտի
ունենային
քիչ
մը
տեսնուելու
ու
խաղալու
իրենց
ընկերներուն
հետ,
որոնք,
հարկ
կա՞յ
ըսելու,
իրենց
վիճակակիցներ
էին:
Ուստի
այն
օր
քիչ
մը
աւելի
մղում
կուտային
իրենց
գործին,
ձեռքերնին
քիչ
մը
աւելի
շուտ
կը
բռնէին
որպէսզի
իրաւունք
ունենային
բացառաբար
իրիկուան
քիչ
մը
կանուխ
մեկնելու:
Գառնիկ
մեքենան
կը
դարձնէր
այդ
պահուն,
եւ
Արտաշ
թուղթ
կը
ծալլէր:
Գործասրահին
մէջ
ամէն
ոք
իր
գործին
պարապած
էր
անխօս,
ինքնամփոփ:
—
Ո՜ւհ,
ձեռքս…:
Այս
մանկունակ
ճիչն
էր
որ
լսուեցաւ
յանկարծ,
եւ
Գառնիկ
կէս
մը
նուաղած
ինկաւ:
Մատնեմատին
եւ
միջամատին
վերի
մասերը
մեքենային
դանակին
տակ
մնացած
ու
կտրուած
էին:
Եւ
մինչ
գործապետը,
անխղճօրէն
կը
յանդիմանէր
զայն՝
անուշադրութիւն
ըրած
ըլլալուն
համար,
եւ
մինչ
միւս
գործաւորները
տակաւին
չէին
շարժած
իրենց
տեղէն,
նորէն
իր
ընկերը,
Արտաշն
էր
որ
իր
հոգիին
բոլոր
սրտագեղ
գուրգուրանքով
թեւերուն
մէջ
առաւ
արկածեալը,
վեր
վերցուց,
ջուր
սրսկեց
երեսին,
սթափեցուց
զայն
եւ
սրտապնդեց:
Յետոյ
ձեռքէն
բռնած
դեղարան
մը
տարաւ
շուտով:
Գառնիկի
համար՝
մէ՛կ
վայրկեանի
մէջ
ամէն
բան
վեր
ի
վայր
շրջած
էր
աչքին:
Ո՛չ
միայն
իր
վէրքին
ցաւովը,
այլ
եւ
բարոյական
վիշտերով
մանաւանդ
կը
տառապէր
այդ
միջոցին:
Ահռելի
մտածումներ
կ’ունենար
իր
պզտիկ
գանկին
մէջ,
ու
աչքին
առջեւ
կը
բերէր
շատ
մը
տխուր
հետեւանքներ:
Ի՞նչ
պիտի
ընէր
ասկէ
վերջը
առանց
մատի.
յետոյ
ի՞նչպէս
տուն
պիտի
երթար,
մայրը
ի՞նչ
պիտի
ըսէր.
մայրը՝
որ
արդէն
ցաւերու
տակ
կքած,
իրենց
կացութիւնը
կ’ողբար.
ի՜նչ
մէծ
յուսահատութեան
մը
պիտի
ենթարկուէր
խեղճ
կինը:
Գառնիկ
կը
վախնար:
Յետոյ
տեսաւ
Արտաշը,
իր
ընկերը,
որ
ահաբեկած
դէմքով,
գորովազեղ,
անձկագին,
իր
վրայ
հակած
էր
ու
բժիշկին
կողմէ
կատարուող
դարմանումին
կը
հետեւէր
մեծ
ուշադրութեամբ:
Գառնիկ
տեսաւ
իր
ընկերը
եւ
զգաց
թէ
իրեն
համար
ի՜նչ
մեծ
տագնապ
մը
կ’անցընէր
ան
այդ
միջոցին:
Յիշեց
մէկմէկու
համար
իրենց
ունեցած
մեծ
հոգածութիւնը,
իրենց
սրտակից
բարեկամութիւնը
որ
եղբայրներ
դարձուցած
էր
զիրենք,
եւ
այն
ատեն
մոռցաւ
իր
ցաւը,
իր
միւս
բոլոր
մտահոգութիւնները,
եւ
միայն
մէկ
մտահոգութիւն
ունեցաւ,
իր
ընկերոջ,
Արտաշի
վիճակը:
Խորհեցաւ
թէ
ի՞նչպէս
ան
ալ
միշտ
միեւնոյն
սպառնալիքին
ներքեւ
կը
գտնուէր,
թէ
ի՞նչպէս
մեքենան
որ
զինքը
ամէն
բանէ
վերջ
զրկած
էր
իր
մատներէն,
միեւնոյն
ոճիրը
կրնար
գործել
իր
ընկերոջ
ալ.
խորհեցաւ
եւ
սիրտը
շարժեցաւ.
նայուածքը
վերցուց
Արտաշին
վրայ,
եւ
ձայնով
մը
ուր
ո՛րքան
մանկունակ
շեշտ,
նոյնքան
իր
մաքուր,
բոլորանուէր
հոգին
ու
անասելի
եղբայրութիւն
մը
կը
թրթռային.
—
Արտա՛շ,
աղբարս,
ըսաւ,
մաքինան
դարձնես
նէ
նայէ
քիմ
ձառքդ
դանակին
քով
չտանիս…:
«Ծաղիկ»
1908,
թիւ
36,
37։