Ամբողջական երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա

Այնպէ՜ս խղճալի էր փոքրիկ Մակարի վիճակը…:

Շարունակ կը ծաղրուէր իր տարեկից ընկերներէն, մէկ խօսքով կը նեղէին ամէ՛ն առիթով: Եւ ինչո՞ւ: Որովհետեւ Մակար տգեղ էր դէմքով, բերանը մեծ էր, ականջները մեծ էին, եւ աչքերը, կապիճներէն դուրս ինկած, խոլոր-մոլոր կը դառնային: Յետոյ, լուռ կը մնար, քիչ աղմուկ կը հանէր, եւ երբ խօսէր հաստ ձայն մը կը լսեցնէր: Ի՞նչ ընէր. բնութիւնը այդպէս ըրած էր զինքը, ձեռքէն ի՞նչ կուգար: Բայց տղաքը, չար ու անգութ տղաքը ատոր վրայ չէին մտածեր ու իրենց զուարճութեան առարկան ըրած էին զայն:

Եւ դժբախտ Մակար կը տառապէր. այո՛, թէեւ լուռ, թէեւ հանդարտ, բայց չէր կրնար ներքնապէս անտարբեր մնալ իրեն նկատմամբ եղած այդ անշնորհք ծաղրանքներուն, սիրտը շատ կը ցաւէր, ու մինակ մնացած պահերուն գաղտուկ կուլար, կուլար: Ի՞նչ կ’ուզէին իրմէ, իր տգեղութեանը համար ինչո՞վ էր յանցաւոր որ այդպէս վիշտ կը պատճառէին իրեն: Չէ՞ որ ինք ալ իր ընկերակիցներուն պէս հոգի մը կը կրէր, զգացում ունէր, կրնար անոնց պէս աշխատիլ, գրել-կարդալ սորվիլ, եւ մանաւանդ չէ՞ որ ա՜յնքան կը սիրէր իր ընկերները: Ա՛լ ի՞նչ, ի՞նչ կ’ուզէին իրմէ:

Բ.

Օրին մէկը, գիւղին տղաքը ամէնքը մէկ եղան, մեծ, շա՜տ մէծ թռուցիկ մը շինեցին գոյնզգոյն թուղթերով: Ա՛յնպէս գեղեցիկ, ա՛յնպէս գեղեցիկ եղաւ որ ամէն մարդ զմայլեցաւ: Յետոյ, կիրակի առտու մը հաւաքուեցան եւ կամաց կամաց, հազար ու մէկ ջանքերով եւ աղմուկներով, սկսան բարձրացնել օդին մէջ: Մակար ալ անոնց հետ էր: Բայց ոչ ոք կարեւորութիւն կուտար իրեն. կ’արհամարհէին զինքը, ու կը ծաղրէին, կը հեգնէին միշտ:

Յանկարծ հովը իր ուղղութիւնը փոխեց, թռուցիկը վարողը չկրցաւ ժամանակին զսպել զայն, եւ ան գնաց ինկաւ ժեռուտքի մը բաւական բարձր սօսիներէն մէկուն վրայ ու անոր ճիւղերուն մէջ անցաւ: Տղաքը ասոր համար շատ ցաւեցան. իրենց ուրախութիւնը տրտմութեան փոխուեցաւ, երբ տեսան որ իրենց շինած թռուցիկը որուն համար օրերով աշխատած էին, այդպէս անգործածելիութեան կը դատապարտուէր: Ի՞նչ կարելի էր ընել: Եթէ քիչ մը քաշէին առասանը, թռուցիկը պիտի պատռտէր, կտոր կտոր պիտի ըլլար: Եւ յետոյ, ո՞վ կրնար համարձակիլ այնչափ բարձր ծառին գագաթը ելլել. օ՜, կը վախցուէր:

Եւ ամէնքն ալ, տխուր, յուսաբեկ, տուն դարձան, առասանը փրցնել առնելէ եւ թռուցիկը ծառին գագաթը թողելէ ետք:

Գ.

Բայց Մակար կը խորհէր: Կրնա՞ր արդեօք ծառին վրայ ելլել ու վար առնել թռուցիկը: Ա՜խ, եթէ ատիկա ընէր, այն ատեն տղաքը ով գիտէ ո՜րքան գոհ պիտի մնային. պիտի սիրէին եւ այլեւս չպիտի արհամարհէին զինքը: Բայց այդ քաջութիւնը կրնա՞ր ունենալ: Հապա եթէ վար իյնա՜ր: Մակար խորհեցաւ, երկար խորհեցաւ: Ուշ ատեն, երբ ամէն ոք քաշուած էր արդէն, անձայն ու կամաց, գնաց սօսիին քով, նայեցաւ վեր. յետոյ փորձեց ծառն ի վեր ելլել: Բայց որովհետեւ մութ էր, չկրցաւ շարունակել վերելքը, եւ տուն դարձաւ: Հանգիստ չէր կրնար մնալ, քունը չէր տաներ. միշտ կը խորհէր իր ծրագրին վրայ, կրնա՞ր թէ չէ: Անհուն, տենդավառ ըղձանքով մը լեցուած էր՝ արիութեան ապացոյց մը տալու զինքը ծաղրող տղոց: Ու վճռեց: Այո՛, ի՛նչ ալ ըլլար, ինք պիտի ելլէր ծառին կատարը եւ թռուցիկը վար պիտի առնէր:

Հետեւեալ իրիկուն, երբ դպրոցէ դարձին տղաքը նորէն հաւաքուած էին սօսիին շուրջ, Մակար ալ հոն կը գտնուէր արդէն: Ամէն տղայ կարծիք մը կը յայտնէր, բան մը կ’ըսէր, բայց ամէնքն ալ յուսահատած էին թռուցիկը ազատելէ: Այդ պահուն Մակար մօտեցաւ ծառին: Ամէնքը մէկ սկսան քրքջալ բարձրաձայն, եւ նորէն ծաղրեցին Մակարը: Ի՜նչ, անո՞ր էր մնացեր ծառին վրայ ելլելու փորձը ընել: Արհամարհելու կարգը Մակարինն էր հիմա. առանց ուշադրութիւն ընելու այդ անպիտան ծաղրերուն, ամուր մը փարեցաւ ծառին, եւ իր բոլոր ճիգերը ժողված, սկսաւ մագլցիլ սօսիէն վեր: Բարձրացաւ, բարձրացաւ մինչեւ կատարը, սողոսկելով սաղարթներուն մէջէն եւ մինչ տղաքը՝ զարմացած ու ապշահար վեր կը նայէին, մեղմիւ առաւ թռուցիկն իր տեղէն, եւ անոր կապուած առասանը մատներուն մէջէն սահեցնելով, թող տուաւ որ ան իջնէ։ Թռուցիկին ետեւէն, ինք ալ մեծ ուշադրութեամբ սկսաւ վար իջնել նորէն: Քիչ ետք ոտքը հողին վրայ կը դնէր արդէն:

Եւ այն տղեկը որ քիչ առաջ կ’արհամարհուէր, կը ծաղրուէր, հիմա, հակառակը, պզտիկ հերոս մը եղած, ջերմ խանդավառութեան առարկայ դարձած էր: Ամէն տղայ մեծ գուրգուրանքով, մեծ սիրով կը վարուէր հետը, եւ եթէ մէկ քանի չարեր կը նախանձէին, անոնք ալ լուռ կը մնային:

 

«Ծաղիկ» 1908, թիւ