Ա՜խ,
թէ
հեղ
մը
բալան
իմ
քովս
ըլլար,
ինչե՜ր
ըսես
չպիտի
ընէի
իրեն,
որ
երթար
բան
սորվէր,
շնորհալի
ու
պատուական
մարդ
մը
ըլլար,
նեղուճար
օրերուս
հասնէր
ինծի.
հերի՛ք՝
որ
քովս
ըլլար
հեղ
մը:
Քանի՛
անգամ
էր՝
այս
փափաքով
կը
խանդավառուէր
հէք
Սըհօ,
նոյն
իսկ
մոռնալով
յաճախ
թէ
ի՛նչ
ահագին
բեռան
մը
տակ
էր
որ
կքած
էր,
եւ
եթէ
իր
այդ
երազանքին
մէջ
կրնար
ըլլալ
որ
սխալ
քայլ
մը
զինքը
զգետնէր
ու
բեռը
իր
վրայ
փլցնէր:
Որովհետեւ
հարկ
կա՞յ
ըսելու,
Սըհօ
իր
խեղճ
կեանքը
կը
քաշկռտէր
բեռնակրի
«արխալուխ»ին
ներքեւ,
անբաժան
մաս՝
որ
իր
ուսին
վրայ
կը
ծանրանար,
օրն
ի
բուն
արիւն-քրտինքի
մէջ
թաթխելով
զինքը,
որ
հոգին
մինչեւ
պուկը
կը
բերէր՝
առանց
սակայն
մի
անգամ
ընդմիշտ
դուրս
հանելու
անկէ,
եւ
որ
վերջապէս
կը
ճնշէր,
կը
ճզմէր,
կը
քայքայէր
իր
մսի
ու
ոսկորի
հէք
կազմածը,
կարծես
թէ
հեծնողի,
կռնակի
վրայ
տեղաւորուածի
իր
դիրքէն
օգտուիլ
ուզէր
եւ
փափաքէր
նեղել
զինքը:
Օրն
ի
բուն՝
լայն
ու
հանգստաւէտ
շունչ
մը
հազիւ
թէ
կրնար
առնել
ան.
հազիւ
թէ
մէկ
քանի
վայրկեան
կրնար
երկարաձգել
դադարը,
լիապէս
ամփոփելու
համար
իր
սպառած
ոյժերը.
կրնա՞ր
ուրիշ
կերպ
շարժիլ.
չէ՞
որ
ճակատագրին
դատակնիքը
ամէն
բան
ճշդած,
սահմանած
էր
իրեն
համար,
իր
պարտքն
էր
յարգել
զայն:
Բեռ
մը
փոխադրե՞ց
իր
գտնուած
տեղէն,
պէտք
էր
շուտով
վերադառնալ,
որովհետեւ
դեռ
ո՜րքան
բեռներ
իրեն
կը
սպասէին,
զորս
պարտաւոր
էր
փոխադրել
իրարու
ետեւէ:
Եւ
իր
այդ
տաժանքին
ու
չարչրկող
վաստակին
առթած
տենդերուն
մէջ
էր
որ
իր
զաւկին
ըղձանքը
կը
ծաղկեցնէր
իր
մէջը
պահ
մը,
յոգնաբեկ
ու
ծարաւի
ուղեւորին
պէս՝
որ
կանգ
կ’առնէ
ջինջ
աղբիւրի
մը
առջեւ,
ու
իր
այրող
պապակին
յագեցումին
մէջ,
պահ
մը
մոռնալ
կը
թուի
իր
վհատեցուցիչ
խոնջէնքը:
—
Խաչօն
հիմի
խելօք
դարձեր
է.
թէ
հեղ
մը
տեսնեմ…
դէ՜հ,
արի,
տեսնեմ,
ի՛մ
Խաչօ:
Ո՜ւր
էր
սակայն
Խաչօն,
իր
մինուճար
զաւակը,
բալան,
ինչպէս
կը
կոչէր.
հեռուն
էր
ան,
հո՛ն,
իրենց
գիւղը,
հանիին
քով,
վասն
զի
մայրը
մեռած
էր,
եւ
Խաչօ՝
իր
մանկատի
հասակէն
արդէն
հանիին
թեւերուն
տակ
կը
մեծնար,
քանի
որ
հայրն
ալ
հեռացեր
գացեր
էր:
Հիմա
ան
գուցէ
ոչ
իսկ
կը
յիշէր
իր
հայրը
տեսած
ըլլալ.
շատ
պզտիկ,
շատ
երեխայ
էր,
երբ՝
զրկուած
իր
մայրենի
համբոյրներէն,
զրկուած
էր
նաեւ
հայրական
խնամքներէն
ալ.
ինք
հա՞յր
ունէր
որ
իր
վրայ
կը
խորհէր
միշտ՝
նոյն
իսկ
իր
ամէնէն
տագնապագին
պահերուն:
Խաչօն
չէր
կրնար
գիտնալ
ատիկա,
կամ
թէ
շատ
շփոթ
ու
տարտամ
գաղափար
մը
կրնար
ունենալ
այդ
մասին:
Իր
ամէն
ինչը
հանին
էր,
անոր
քովն
էր
առտուընէ
մինչեւ
իրիկուն,
անոր
քղանցքներուն
շուրջը,
անոր
հետ
դաշտ,
անոր
հետ
թոնիրին
քով:
Խաչօն
շատ
կը
սիրէր
զայն,
մանաւանդ
երբ
ընտանի
հէքեաթներ
կը
պատմէր
ան
իրեն,
այն
ատեն՝
իր
սեւ
ու
թափանցող
նայուածքները
հանիին
դէմքին
յառած,
պռկունքը
իրարմէ
բաժնուած՝
խոր
ուշքով
մը
մտիկ
կ’ընէր,
այսպէս
նաեւ
հետաքրքրութեամբ
մտիկ
կ’ընէր
ամէն
անգամ
որ
հանին
ըսէր
իրեն
թէ
հայր
ունի
ինք,
որ
հեռուն
կը
գտնուի,
որ
դրամ
շահելու
ելած
է,
եւ
որ
գիրերուն
մէջ
համբոյրներ
կը
ղրկէ
իրեն:
Եւ
Խաչօ
տարտամօրէն
կը
սկսէր
սիրել
իր
այդ
հայրը,
որ
հեռուն
կը
գտնուէր
եւ
համբոյրներ
կը
ղրկէր
իրեն:
Բայց
Սըհօ
որոշած
էր
արդէն
վճռապէս
որ
իր
քով
բերէ
իր
տղան.
ո՛չ
միայն
ճամբուն,
բեռներուն
տակ,
այլ
երբ
իրիկուան
ուշ
ատեն՝
կը
քաշուէր
իր
մթամած
խցիկը,
եւ
իր
գլուխը
վայնաչար
կը
հանգչեցնէր
թոմթռկած
բարձին
վրայ,
իր
մօտը
կը
փափաքէր
ունենալ
իր
բալան,
որուն
նկատմամբ
իր
խղճալի
արտաքինին
տակ
շատ
մը
հարուստ
մտադրութիւններ
կը
հիւսէր,
շատ
մը
փառասիրութիւններ
կ’ունենար:
Միտքը
դրած
էր
ամէն
բան
զոհել,
նոյն
իսկ,
եթէ
հարկ
ըլլար,
կրկնապատկել
իր
տառապանքը,
—
անկարելին
ընել
—
եւ
մարդ
ընել
իր
մինուճարը,
իր
բալան,
իր
Խաչօն:
Ինչէ՞ն
մտած
էր
այս
տենչը
իր
մէջ,
իր
վիճակին
հետ
անհաշտ,
եւ
անկէ
գեր
ի
վեր
եղող
այս
տենչը.
հօրենական
բնազդո՞ւմ
մըն
էր
արդեօք,
թէ
օրինակում
մը,
հետեւում
մը՝
իր
զաւակը
մարդ
եղած
տեսնել
ուզել
իր
վիճակին
մարդոց
համար
անսովոր
եղանակով
մը.
—
ո՛վ
գիտէ,
Սըհօ
մէյ
մը
ատանկ
փափաքած
էր,
եւ
հիմա
կը
ջանար
իրականացնել
իր
այդ
փափաքը:
*
*
*
Խաչօն
եկած
էր
վերջապէս
իր
հօր
քով.
Սըհօ
նամակ
նամակի
վրայ
գրած,
ու
անպատճառ
ուզած
էր
իր
տղան,
եւ
հիմա
իր
մօտը
ունէր
զայն:
Ի՜նչպիսի
ցնորական
որախութիւն
մը
թօթուած
էր
իր
բովանդակ
էութիւնը,
երբ
տարիներու
բաժանումէ
մը
ետքը՝
յանկարծ
իր
թեւերուն
մէջ
գրկած
համբուրած
էր
իր
բալան.
խնդութեան
ի՜նչպիսի
պայծառ
հորիզոն
մըն
էր,
որ
պարզուեցաւ
իր
առջեւ,
երբ
աչքերուն
մէջ
նայեցաւ
իր
կարօտցած
զաւկին:
Մէկ
րոպէի
մէջ
արդէն
մոռցած
էր
իր
բազմաչարչար
բեռնակրի
անձկութիւնները,
երկարաձիգ
եւ
յուսահատական
իր
տուայտանքները,
անլոյս
ու
տխրագին
իր
կեանքը՝
զորս
կ’ապրէր,
զորս
կը
քաշքշէր,
եւ
որոնցմով
կը
տառապէր:
Հիմա
ատոնց
ամէնքը
մէկ
ցնդած,
ցրուած
էին.
երջանիկ
էր:
Բալային
ժամանման
գիշերը՝
հրաւիրած
էր
իր
բարեկամները,
իր
վիճակակիցները
որոնց
հետ
իր
խղիկին
մէջ
ուրախութիւն
մը
ըրած
էր.
անոնցմէ
մէկը
նոյն
իսկ
մէջտեղ
հանած
էր
իր
սազը,
եւ
բարակ,
ուժատ
հծծիւններու
եղանակ
մը
նուագած
էր,
հինգ
վեց
դէմքերու
մէջտեղ՝
ամէնէն
նուազ
խոհականն
էր
սակայն
Սըհոյինը,
որ
այդ
իրիկուն
սովորականէն
շատ
տարբեր
տրամադրութեան
մը
դողդոջ
լոյսին
մէջ
ըլլալ
կ’երեւար,
եւ
երկուքը
մէյ
մը
խնդագին
կը
նայէր
իր
լաճին
երեսը.
—
Խաչօ՛
ջան,
կը
գոչէր,
ա՛լ
քեզի
մատաղ,
բալա,
բարով
եկիր,
հազար
բարի.
տեսնես
թէ
ինչե՜ր,
ինչե՜ր
պիտի
ընեմ
քեզի:
Ու
կը
դառնար
սազին
հետեւելու,
ձայնելով
հովուական
եղանակ
մը:
Իր
գգուած
երազը
չէ՞ր
քովը
ունենալ
Խաչօն.
ան
իր
քովն
էր
ահա,
ալ
ի՞նչ
կուզէր.
հիմա
կը
մնար
մտածել
թէ
ի՞նչ
պիտի
ընէ,
ի՞նչպէս
մարդ
պիտի
դարձնէ
զայն:
Բայց
մինչեւ
որ
որոշէր,
Խաչօն
իրմէ
չպիտի
կրնար
բաժնուիլ,
ցորեկը՝
ինչպէս
գիշերը:
Հազիւ
ինը
տարու,
սեւ
ու
խելացի
աչուըներով,
թուխ
եւ
արտայայտիչ
դէմքով
լաճ
մըն
էր
Խաչօ.
աշխոյժ,
վառվռուն,
որ
թէեւ
քիչ
մը
վշտաբեկ
իր
հանիէն
շա՜տ
հեռացած
ըլլալուն
համար,
բայց
միւս
կողմէ
ինքզինքը
զրկուած
չէր
նկատեր
այն
մարդուն
քով՝
որ
իր
հայրն
էր,
զոր
այդպէս
ճանչցած
էր,
վասն
զի
բնազդ
մը
կ’ըսէր
արդարեւ
թէ
հայրն
էր
ան:
Ու
ամբողջ
օրը
չէր
հեռանար
իր
հօրմէն,
որուն
բեռ
փոխադրած
ատենը՝
իր
մանրիկ
քայլերով,
կէս
մը
վազելով,
կէս
մը
ոստոստելով,
կը
հետեւէր
անոր
անընդհատ,
անոր
սրունքներուն
կը
կառչէր,
ձեռքը
կը
բռնէր,
ու
կը
դառնար
չորս
բոլորքը.
փոյթ
չէր
եթէ
յոգնէր
իսկ:
Իսկ
Սըհօ՝
իր
կարգին
դադրած
կարօտագին
հառաչանքներ
ուղղելէ
իր
մինուճարին
համար,
ընդհակառակը,
մասամբ
թեթեւցած
կը
զգար
իր
ուսին
բեռը,
երբ
ամէն
վայրկեան
անմիջապէս
իր
քովը
կը
տեսնէր
Խաչօն,
երբեմն
ժպտադէմ,
յանդիմանութեան
պէս
խօսք
մը
ընելով.
—
Հապա,
ինչո՞ւ
խելօք
չես,
Խաչօ
ջան:
Խելօ՜ք,
Խաչօ
կրնա՞ր
խելօք
կենալ.
առաջին
օրերուն
ինքզինքը
օտար
միջավայրի
մը
մէջ
գտած
անիկա
քիչ
մը
ատեն
շշկտած
էր.
բայց
ընտելացումը
զինքը
հետզհետէ
դուրս
հանած
էր
այդ
վիճակէն,
եւ
կրկին
առջի
անառակ
Խաչօն
դարձուցած:
Խե՜ղճ
տղայ,
զինքը
դիեցնող
հողէն
խլուած
ու
փոխատնկուած
էր՝
լեցուն
ծաղիկի
մը
պէս,
անգիտակցաբար
գոհացում
տալու
համար
իր
հօրը
մէկ
փափաքին.
բայց
պիտի
կրնա՞ր
շարունակ
փթթիլ
այնպէս՝
ինչպէս
իր
տեղւոյն
հողին
վրայ
ու
արեւուն
տակ.
ո՛չ
ոք
խորհած
էր
ատոր
վրայ:
*
*
*
Եւ
Խաչօն
օրին
մէկը
հիւանդացած՝
անկողին
ինկած
էր:
Անձուկը,
սրտատրոփը
ահռելի
երկիւղ
մը
ծնցուցած
էին
Սըհոյի
սրտին
մէջ.
իր
Խաչօն
հիւա՜նդ.
ա՜խ,
կրնա՞ր
մտքէն
ատանկ
բան
մը
անցընել:
Եւ
ի՞նչպէս
անցընէր.
ինք
անոր
երջանկութիւնը
խորհած
էր,
զայն
«մարդ
ընել»
միայն
երազած
էր,
իր
բեռնակրի,
իր
տգէտ
մարդու
էութեան
խորը՝
թաքստոցի
մը
անկիւնը՝
ազնիւ
իղձ
մը
սնուցած
էր,
զայն
փայփայած
էր
օրերով,
ամիսներով,
անով
խանդավառուած
էր,
եւ
երբ
զայն
իրականացնելու
ճամբուն
մէջ
մեծ
քայլ
մը
առած
էր
արդէն՝
ի՜նչ,
ճիշդ
այդ
միջոցին
պիտի
հիւընդնա՞ր
Խաչօն:
Պէ՞տք
էր
որ
հիւընդնար:
Եւ
ասիկա
շատ
ծանր
կը
ճնշէր
իր
վրայ,
աւելի
քան
իր
փոխադրած
բեռները:
Տխուր
էր
Սըհօ,
շատ
տխուր,
եւ
շուարած
էր
թէ
ի՞նչ
ընէր,
ի՞նչպէս
փրկէր
իր
զաւակը,
որուն
հիւանդութիւնը
ծանրացած
էր
արդէն:
Ցերեկները՝
բեռներու
իւրաքանչիւր
փոխադրութենէ
ետքը՝
կը
վազէր
իր
խցիկը,
հոն
մինակ
մնացած
հիւանդ
զաւակին
քով,
դեղ
մը
տալու,
կամ
ոեւէ
խնամք
ընձեռելու.
մէկ
ոտքը
դուրսն
էր,
իսկ
միւսը՝
իր
խցիկը:
Կը
զգար
թէ
ի՜նչ
տաժանելի
կացութեան
մը
մատնուած
էր,
եւ
իր
հոգին
կը
խռովէր.
ընկճուած
էր,
տեսակ
մը
վհատութիւն
պատած
էր
զինքը,
գլխիկոր
ու
արտասուագին՝
չէր
գիտեր
թէ
ինչ
ընէր:
Բեռները
աւելի
քան
երբեք
ծանր
ըլլալ
կը
թուէին
իրեն,
եւ
ապրիլն
իսկ
աւելորդ
բեռ
մը:
Իսկ
գիշերնե՞րը,
օ՜հ,
մէկ
ծայրէն
միւսը
անքուն
գիշերներ
էր
որ
կ’անցընէր.
իր
ցերեկուան
յոգնավաստակ
աշխատութիւններէն
ետքն
ալ՝
նոյնքան
յոգնավաստակ
աշխատութեան
մը
նուիրուած
էր,
—
հսկել
հիւանդ
տղեկին
վրայ,
մինչեւ
լուսածագ,
մինչեւ
առտու,
յետոյ
խցիկէն
դուրս
ելլել՝
գործին
երթալու
համար:
Ու
այդ
գիշերային
հսկումներու
միջոցին
գորովի
ի՜նչպիսի
անսպառ
աղբիւր
մըն
էր
որ
կը
դառնար
ինք:
Կին
մը,
մայր
մը,
պահապան,
թեւատարած
հրեշտակ
մը
եղած
էր
իր
զաւկին
վրայ,
ու
անոր
ամէն
մէկ
շարժումին,
ամէն
մէկ
երերտուկին
կը
հետեւէր
խանդակաթ,
անոնցմէ
կախուած
ըլլալ
կը
թուէր.
իր
անհուն
գուրգուրանքը,
հիւանդին
ամէն
մէկ
փափաքը,
ամէն
մէկ
քմահաճոյքը
տեղը
տանելու
համար
իր
ցոյց
տուած
կամակատարութիւնը,
եւ
իր
անտաշ
շարժուձեւերուն
մէջ
դրած
հոգածու
նրբութիւն
մը՝
արտասովոր
երեւոյթ
մը
կուտային
իրեն,
եւ
տեսնելու
էր
թէ
ջուրին
գաւաթը
ի՜նչպէս
հիւանդին
կը
մօտեցնէր,
երկու
խոշոր
ափերովը
բռնած,
մէջքը
հակած՝
որպէս
թէ
պատրաստակամ
տրամադրութեան
մը
մէջ,
մինչ
պատին
վրայ,
լամբարի
մը
նուաղկոտ
լոյսովը,
այլանդակ
ստուեր
մը
կը
գծագրուէր:
Ի
զուր
երբեմն
օգնութիւն
մը,
ելք
մը
կը
փնտռէր:
Երբեմն
խղճի
խայթեր
ալ
կ’ունենար,
արդեօք
ի՞նք
եղած
էր
իր
սիրական
զաւկին
այդ
վիճակին
ենթարկուելուն
պատճառը,
գուցէ,
կը
խորհէր,
վասն
զի
չէ՞
որ
ան
հոն,
իրենց
գիւղին
մէջ,
հիւանդ
չպիտի
ըլլար:
Ու
այս
մտածումին
վրայ՝
խեղճ
մարդուն
տառապանքը
անասելի
անգթութիւն
մը
կ’առնէր:
Ի՞նչ
ընէր,
ի՞նչպէս
պիտի
ազատէր
իր
զաւակը,
ի՞նչպէս
պիտի
տիրանար
վերստին
անոր:
Ու
երբ
ճար
մը
չէր
գտներ,
լոյսէ
մը
չէր
ներշնչուեր,
այն
ատեն
ուժգին,
սոսկալի
փլուզում
մը
կ’ունենար
իր
ներսը,
եւ
զսպուած
հեծկլտանքներու
հետ
դուրս
կուտար
իր
յորդ
արցունքը:
Հապա
եթէ
չաղէկնա՜ր,
ու
մահը
վրայ
հասնէր…
Սըհօ
կը
վախնար,
չէր
ուզեր
ատոր
վրայ
խորհիլ,
ու
ահուդողով
մըն
էր
որ
այդ
հարցումը
կ’ընէր
ինքզինքին:
Ճիշդ
է
թէ
երբեմն
ինքնալքումով
մը
կը
նետուէր
յուսահատութեան
գիրկը,
բայց
նորէն
չէր
ուզեր
մտքէն
անցնել
թէ
Խաչօն
պիտի
մեռնի:
Տասնէ
աւելի
օրեր
անցած
էին
արդէն,
հիւանդութեան
սկսելէն
ի
վեր:
Այդ
գիշերը
Խաչօ
հանդարտ
կ’երեւար,
թէեւ
կը
շարունակէր
զառանցել:
Սըհօ
ալ
հանդարտած
էր,
եւ,
իր
զաւկին
բժշկուելուն
մասին
քիչ
մը
յուսալից,
միտքը
կը
բերէր
անոր
իր
քով
հասած
օրը,
երբ
առողջ
էր,
կայտառ
էր
ու
աշխոյժ՝
ու
պարբերաբար
կ’ուրախանար
մտածելով
թէ
Խաչօ
պիտի
աղէկնար
նորէն:
Ի՜նչ
երջանկութիւն:
Եւ
այդ
յոյսովը
պահ
մը
ինք
ալ
մրափած
էր,
չկարենալով
դիմադրել
յոգնութեան
ու
տառապանքին:
Արթննալուն՝
տեսաւ
որ
Խաչօ
հանդարտ
էր
աւելի
քան
երբեք,
ու
աչքերը
փակ՝
կը
քնանար:
Պայծառ,
հրեշտակային
արտայայտութիւն
մը
զգեցած
էր
մանուկին
դէմքը,
դիմագծերը
խաղաղած
էին,
ու
կը
քնանար:
Սըհօ
տեսաւ
ասիկա,
եւ
ուրախացաւ
վայրկեան
մը՝
որ
այդ
գիշեր
այդպէս
հանգիստ
կ’անցընէր
հիւանդը:
—
Կը
քնանա՞ս,
բալա,
ըսաւ
ժպտագին:
Յանկարծ
սակայն
երկիւղ
մը
բաբախել
տուաւ
իր
սիրտը.
բայց
ինք՝
վախցաւ
այդ
երկիւղէն,
չուզեց
հաւատալ
անոր,
ուզեց
խղդել
զայն:
—
Հա՜,
այդպէս
կը
քնանաս,
հա՞,
կրկնեց
դողդղալով:
Ու
միշտ
ինքնիրեն
հաստատական
պատասխան
կուտար:
Չէր
համարձակեր
հիւանդին
մօտենալ,
հասկնալու
համար
թէ
կը
շնչէ՞ր
ան:
Լաճը
մեռած
էր
թէեւ,
բայց
Սըհօ
չէր
ուզեր
համոզուիլ
ատոր:
Օ՜,
չէ՛,
երբե՛ք
բան
մը
չէր
եղած
ան,
աղէկ
էր,
հանգիստ
էր,
—
այսպէս
կ’ուզէր
հաւատալ
Սըհօ՝
որ
կը
դողար:
—
Հա՛,
բալա՛,
հա՛,
քնացիր,
կ’ըսէր:
Սըհօ
կը
վախնար:
«Սուրհանդակ»1906,
թիւ
2100։