Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  
Պատմութիւնն է աս պզտիկ տղու մը որուն մայրիկը մեռած է,
բայց որ չի գիտեր թէ մեռած է եւ կը հարցնէ իր մեծ քուրիկին
թէ ե՞րբ պիտի գայ. եւ մեծ քուրիկը կը պատասխանէ թէ միւս
օր պիտի գայ. բայց մայրիկը չի գար:
 

Պզտիկին մայրիկը մեռած էր, բայց ինք չէր գիտէր թէ մեռած էր:

Մեծ-քուրիկը ըսած էր իրեն թէ մայրիկը հեռաւոր տեղ մը գացած էր, եւ թէ պիտի վերադառնար կարմիր-կապոյտ խաղալիկներով, փողերով եւ գոյնզգոյն հագուստներով:

Եւ քուրիկը կը պատասխանէր թէ միւս օրը պիտի գար, կառքին մէջ նստած եւ փայլուն զգեստներ հագած:

Պզտիկը քուրիկին երեսը նայած էր եւ ժպտած. քուրիկն ալ իրեն սեւ աչքերուն մէջ նայած էր շեշտակի, եւ ա՛ն ալ ժպտած. ու յետոյ, երբ լացած էր, գիրկը առած էր զինքը, վեր՝ օդին մէջ բարձրացուցած եւ յետոյ պագած էր, պագած, մինչեւ որ պզտիկը նորէն ժպտիլ սկսած էր ու իր մանրիկ բազուկները անոր անարատ պարանոցին օղակ ըրած:

* * *

Միւս օր եղած էր, պզտիկը պատուհանէն դուրս կը նայէր եւ մայրիկին կը սպասէր. որովհետեւ չէ՞ որ մէծ քուրիկը ըսած էր թէ պիտի գար ան, կապոյտ-կարմիր խաղալիկներով, փողերով եւ գոյնզգոյն հագուստներով:

—Անանկ չէ՞, քուրիկ, այսօր չպիտի՞ գայ:

—Հապա՛, պիտի գայ, կառքով եւ աղուոր զգեստներ հագած:

Ու պզտիկը, խնդութեամբ, կը սպասէր:

—Ո՞ւր է, չեկաւ դեռ, քուրիկ, իրիկուն եղաւ:

Իրիկուն եղաւ եւ շքեղ կառք մը մեծադղորդ, եկաւ կեցաւ իրենց տնակին առջեւ գրեթէ:

Փառաւոր եւ գեղանի կին մը, որ օղեր ունէր ականջին, եւ մանեակ մը կուրծքին կատարը, վար իջաւ ու գնաց մտաւ դէմի ճոխ բնակարանը: Իրեն հետ ներս տարած էր նաեւ շատ մը բաներ:

Պզտիկը ներս դարձած էր, եւ գետնին վրայ մերկ սրունքը երկնցուցած, ձեռքին կռնակը աչքին, կը հեծկլտար: Մայրիկը պիտի գար եւ չէր եկած:

Ու հեծկլտանքը կը սաստկանար:

Մէծ քուրիկը այն ատեն նորէն վեր վերցուց զայն, մեծ-մեծ բացած թեւերուն մէջ առաւ, անոր սեւ գանգուր մազերով զարդարուած գլխիկը իր արձակ ու յորդ մազերուն մէջ թաղեց:

Պզտիկին հեծկլտանքը մեղմ ու անուշ թզկանքի մը փոխուեցաւ: Յետոյ լռեց:

Ինչո՞ւ կուլաս, աղուո՛ր, ըսած էր քուրիկը, մայրիկը պիտի գայ միւս օր, կապոյտ- կարմիր խաղալիկներ պիտի բերէ քեզի, փողեր պիտի բերէ եւ նոր նոր հագուստներ:

Պզտիկը ժպտեցաւ նորէն, գանգուր սեւ մազերով զարդարուած գլխիկը մէծ-քուրիկին լանջքին վրայ կրթնցուց, հանդարտիկ:

Հանդարտիկ, մէծ-քուրիկին մազերուն հետ խաղաց, ու անոր շուրջը դարձաւ: Յետոյ բաժնուեցաւ: Նորէն լացաւ, նորէն խնդաց: Յետոյ քնացաւ, քուրիկին գիրկին մէջ իր մսկոտ անդամները տաքցուցած քնացաւ:

Միւս օր եղաւ, եւ իրիկուն եղաւ: Պզտիկը, պատուհանէն մայրիկին ճամբան կը նայէր: Կառքով պիտի գար:

Շքեղ կառք մը եկաւ եւ կանգ առաւ իրենց տնակին առջեւ: Գեղանի եւ փառաւոր կինը՝ որ փայլուն օղեր ունէր ականջին եւ շքեղ մանեակ մը կուրծքին կատարը, պզտիկին նայեցաւ, բայց չժպտեցաւ. վար իջաւ ու գնաց դէմի մեծ տունը մտաւ: Կանաչ եւ նարնջագոյն թուղթերով ծրարներ տարաւ հետը:

Կաղանդները կուգան շքեղ կառքով, բայց չեն հանդիպիր բոյները չքաւորութեան՝ որ սակայն անոնց կը սպասէ, ակնկալութեան գգուանքներէն քաջալերուած:

 

«Սուրհանդակ» 1904, թիւ 1480։