Ամբողջական երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դահլիճ մը՝ շքեղօրէն կահաւորուած: Բազմոցներու եւ
թիկնաթոռներու վրայ, դէմ դիմաց, նստած են չորս պէյեր՝
չորս արժանաւոր պաշտօնակալներ Հին Թուրքիոյ, ամէնքն ալ
հանգստաւէտ դիրքերու մէջ, բայց ամէնքն ալ այնպիսի դէմքերով
որոնց խորհրդաւոր արտայայտութիւն մը տուած են ներքին մտահոգութիւն
մը եւ դաւադրական մտածումի մը ճիգը: Կը ծխեն ու կը սրճեն:
Խօսակցութիւնը պահ մը ընդհատուած, խօսք կ’առնէ՝

 

Հ. Պէյ (գլանիկի մոխիրը անգամ մը թօթուելէ ետք). Բայց այո՛, ելլելիք ճամբայ չէ աս: Պէտք է վերջ մը տալ:

Թ. Պէյ. Ի՜նչ տարակոյս: Եւ կարելի եղածին չափ շուտով:

Ա. Պէյ. Ի՜նչ լաւ կ’ըլլար եթէ մինչեւ հիմա այդ օրէնքը գոյութիւն ունենար: Այն ատեն (խօսքը Հ. Պէյին ուղղելով) այն ատեն ո՞ր թերթը պիտի յանդգնէր Ձերդ մեծութեան դէմ այդ անիծապարտ հրատարակութիւնները ընել:

Մ. Պեյ. Եւ տակաւին մամլոյ ազատութի՜ւն… հը՛, մամլոյ ազատութի՞ւնս ա՛լ ինչ է: Օսմանեան շահերուն հակառակ է մամլոյ ազատութիւնը:

Հ. Պէյ. (դարձեալ խորհրդաւոր, մտածկոտ թօնով մը), Եւ ազատութիւններուն ամէնէն ահաւորը… Դժնետեսիլ ուրուականը…:

Թ. Պէյ. Երկաթէ լախտը…

Ա. Պէյ (փութկոտ միջամտութեամբ մը). Բայց, ո՛չ, ո՛չ, չէ կարելի… հաւատացէ՛ք որ կարելի չէ ապրիլ այս սանձարձակութիւններուն մէջ: Ասիկա վնասակար է…

Մ. Պէյ. Թէ՛ Օսմանեան շահերուն, եւ թէ՛… մեզի… վերջապէս պէտք է մտածել թէ… պետք է մտածել թէ, խօսքը մէջերնիս, մեր շահերուն ալ կը վնասէ: (Ետքը դարձեալ Հ. Պէյին ուղղելով) Չեմ սխալիր, չէ՞, վսեմապատիւ տէ՛ր, մեր շահերուն ալ կը վնասէ…

Հ. Պէյ (միշտ ծանրախոհ). Ի հարկէ՜… այդ ալ խօ՞սք է… մեր տիրոջ, մեր երկրին, մեր ազգին, մեր ամէնուս, վերջապէս ամէ՛ն բանի վնասակար է մամուլի ազատութիւնը… նոյն իսկ իրեն՝ մամուլին ալ վնասակար է:

Միւսները (ամէնքը մէկ). Շատ ճիշտ, շատ ճիշտ…

Հ. Պէյ. Այս երկրին մէջ մամուլի ազատութիւն չըլլար…

Միւսները (ամէնքը մէկ). Չըլլա՛ր, չըլլա՛ր:

Հ. Պէյ. Այս երկրին մէջ ոչ մէկ ազատութիւն յարմար է: Չափաւոր, խիստ չափաւոր թոյլտուութեան մը ըսելիք չունիմ:

Միւսները (ամէնքը մէկ). Չափաւոր, անշուշտ թէ չափաւոր, խիստ չափաւոր:

Հ. Պէյ. Ջուրին չդպչող թոյլտուութիւն մը:

Միւսները (ամէնքը մէկ). Ջուրին չդպչող ազատութիւն մը… ո՛չ, ո՛չ, թոյլտուութիւն մը, շատ ճիշտ, շատ ճիշտ:

Հ. Պէյ. Ազատութեան եւ թոյլտուութեան միջեւ շատ մեծ տարբերութիւն չկայ… այս ժողովուրդը վարժուած չէ՛ ազատութեան… այս մամուլը անարժա՛ն է ազատութեան… այս մամուլը մամուլ չէ՝ մամուկ է… փողոցային ցնդաբանութիւն է… շլխտիութիւն է… (զայրացած շեշտով մը) «էտէպսիզ»ութի՛ւն է…

Ամէնքը մէկ (փութկոտութեամբ). Եւ մե՜ծ «էտէպսիզ»ութիւն է…

Մ. Պէյ. Տեսէ՛ք, այս եղա՞ծ բան է, ամէն օր յարձակում կառավարութեան դէմ, պաշտօնատարներու դէմ… ո՞ւր ենք, ո՞ւր ենք վերջապէս… վերջապէս Թուրքիոյ մէջ ենք…

Թ. Պէյ. Մանաւանդ սա՛ «Հուգուգը Ումումիյէ»ն, մանաւանդ սա՛ «Սէրպէստի»ն…

Ա. Պէյ. Հապա սա «Եէնի Կազէթա՞»ն:

Միւսները (նկատելով որ այդ անունը հաճոյ չի կրնար թուիլ Հ. Պէյին, ձեռքի բացասական շարժումով մը) Ամէ՜նքը, ամէ՜նքը:

Հ. Պէյ (սրտցաւ քմծիծաղով մը՝ որուն մէջ զսպուած զայրոյթ մը կայ). Առանց շունի գիւղ գտեր են՝ առանց փայտի կը պտտին…

Մ. Պէյ. Ճի՛շտ այսպէս, վսեմապատի՛ւ տէր… բայց… բայց կարելի է վերջ մը տալ… վերջապէս… խօսքը մէջերնիս, այս վիճակը մեզի ալ աղէկ չէ… ամէնուս համար ալ աղէկ չէ…

Թ. Պէյ. Ի հարկէ՜… (ձայնը ցածցնելով) Քանի որ այս ընթացքով ապահովութիւն ալ չենք կրնար ունենալ մեր պաշտօններուն վրայ հաստատ մնալու:

Հ. Պէյ. (ծանր շեշտով մը). Ինծի՛ մտիկ ըրէք (ոտքի կ’ելլէ, կ’երթայ դուռը կը բանայ, դուրսը կը նայի, յետոյ դառնալով ուրիշ աթոռ մը կ’առնէ ու կը նստի իր խօսակիցներուն քով) Ճիշդ այդ պատճառով է որ ես ալ արդէն մտածած եմ մամլոյ օրէնքի մը վրայ, այս մասին մերիններուն ալ հաւանութիւնը առած եմ…

Ամէնքը մէկ (հաւանութեան նշաններով). Շա՛տ լաւ, շա՛տ լաւ:

Հ. Պէյ. Տեսէ՛ք, մամուլի օրէնք մը, խի՛ստ օրէնք մը միայն կրնայ փրկել թէ՛ մեզ, թէ՛ երկիրը…

Մ. Պէյ. Եւ թէ՛ օսմանեան շահերը…

Թ. Պէյ. Ի հարկէ՜…

Հ. Պէյ. Այժմ կը պատրաստենք այդ օրէնքին մէկ նախագիծը… յետոյ անոր ոյժ կուտանք… կ’աշխատինք… վերջապէս, Պետական Խորհուրդն ալ մեզի համամիտ կ’ըլլայ… Երեսփ. Ժողովն ալ, գիտենք թէ հոն մենէ աւելի «քէսքին»ները կան… կը վաւերացնեն, կը լմննայ, կ՚երթայ…

Ամէնքը մէկ. Շա՜տ լաւ, շա՜տ լաւ…

Հ. Պէյ. Նախ պէտք է հաստատել այնպիսի՛ տրամադրութիւն մը որ ամէն մարդու կարելի չդարձնէր թերթի հրատարակութիւնը…

Ամէնքը մէկ. Շա՜տ լաւ, շա՜տ լաւ…

Հ. Պէյ. Օրինակ՝ դրամական գումար մը իբր երաշխաւորութիւն ուզելով…

Ամէնքը մէկ. Շա՜տ լաւ, շա՜տ լաւ։

Հ. Պէյ. Յետոյ, արգելք…

Ամէնքը մէկ. Կառավարութեան եւ պաշտօնատարներու դէմ գրելու…

Հ. Պէյ. Ճի՛շդ այդ, ինչպէս նաեւ արգելք…

Ամէնքը մէկ. Կայսեր դէմ գրելու:

Հ. Պէյ. Ճի՛շդ այդ… վասն զի անըմբռնելի բան է որ քննադատուի մեր Վեհապետն ալ…

Ամէնքը մէկ. Մեր Վեհապե՜տը, մեր Տէ՜րը… Օ՜ ոչ:

Հ. Պէյ. Եւ պատիժները պէտք է որ խիստ ըլլան…

Ամէնքը մէկ. Անշո՜ւշտ:

Հ. Պէյ. Երբ կատղած ձիուն բերանը կապանք չանցընես՝ կը խածնէ:

Մ. Պէյ. Կը մեռցնէ…

Հ. Պէյ. Ի՞նչ ընենք, մեռնի՞նք անոր համար որ սահմանադրութիւն եղաւ… մեր երջանկութիւնը վրա՞յ տանք… զրկուի՞նք…

Մ. Պէյ. Պէտք է որ մեր կարգին հարուածենք:

Ա. Պէյ. Ինքնապաշտպանութեան միջոցներ ունենանք:

Հ. Պէյ.   Եւ որպէս զի թէ՛ հարուած տեղանք եւ թէ՛ ինքնապաշտպանութեան միջոց ունենանք, մամուլի օրէնք ունենանք…

Ամէնքը մէկ (ոտքի ձայնի մը վրայ վերջացնելով) . Անպայման եւ շուտո՜վ:

 

«Մանզումէ» 1909, թիւ 2337։