Ամբողջական երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Մթին ու արիւնոտ այն ողբերգութիւնը որ ի հանդէս էր բերուած ատենէ մը ի վեր գերազանցօրէն հաւատաքննական երկրի մը՝ Սպանիոյ մէջ, եղերական ու ըմբոստացուցիչ հանգոյցով մը ընդմիջուեցաւ, Ֆրանչիսկօ Ֆէրրէր, մեծանուն ազատախոհը, հիմնադիրը բանապաշտական Արդի Դպրոցին, հրացանի բռնուեցաւ Պարչելոնայի մէջ:

Այս է, սպանիական յեղափոխական վերջին շարժումներու ընթացքին, ողբերգական դէպքերու ամէնէն ողբերգականը, այս է օրուան այն գոյժը որ ամենախոր կսկիծի ու ամենահզօր զայրոյթի միահամուռ ճիչը խլեց գաղափարապաշտ մտաւորականութեան եւ գիտակից աշխատաւորութեան կուրծքէն:

Դժբախտ՝ որքան հոյակապ մարդ, իր հալածական ճակատագիրը վերջապէս իր վախճանը կը գտնէ դարձեալ դահիճներու ձեռքին մէջ, արգելափակումներու մէջ երկարօրէն տառապելէ ետքը: Տակաւին նոր ազատագրուած էր բանտային կեանքէն, երբ սպանիական ժողովրդին վերջին ապստամբական ցոյցերու վաղորդայնին իսկ ցոյցեր որոնք կատարուեցան դէպի Մարօք զինուորական առաքումներու դէմ բողոքելու համար Ֆէրրէր դարձեալ առաջնորդուեցաւ դէպի ազատ մարդուն այն գերեզմանը, որ զնտան կը կոչուի: Անկէ ի վեր, համակրութեան ուժգին հոսանք մը սկսաւ ծայր տալ Եւրոպայի ամէն կողմերէն՝ դէպի սպանիական բռնապետութեան զսպողական բրտութիւններուն զոհուած դժբախտ մտաւորականներն ու աշխատաւորները ընդհանրապէս եւ դէպի Ֆէրրէր՝ մասնաւորապէս: Ազատախոհներու եւ ընկերվարականներու շրջանները ցնցուեցան: Ի մասնաւորի Փարիզի մէջ կազմուեցաւ այդ զոհերու պաշտպանութեան համար յանձնախումբ մը՝ որուն անդամագրուեցան մեծապէս համակրելի ու գերազանցապէս վեհանձն մտաւորականներ մեծ մասամբ ծանօթ հայ տառապանքին նկատմամբ իրենց ցոյց տուած յարումովը, Սէվըրին, Անաթօլ-Ֆրանս, Բիէր-Քիյեար, Ամիլքարէ Չիբրիանի, Սեպասթիէն Ֆօր, Մորիս Մեթերլինկ, Ճիուզեբբէ Սերկի, Ֆրիպուրկ եւ Տոմելա Նիուվենհիւս: Յանձնախումբը կոչ մը ուղղեց «Գիտակից Եւրոպային», եւ Փարիզի մէջ միթինկ մը կազմակերպեց որոնցմով բողոքներ եղան սպանիական կառավարութեան բռնութիւններուն, բազմաթիւ անմեղներու եւ ի միջի այլոց Ֆէրրէրի ձերբակալութեան դէմ:

Բայց իզուր:

Միջին դարը որ կղերական ու բռնաւորական աղջամուղջի մը մէջէն իր գարշելի գլուխ ցցած կը պահէ տակաւին այդ յետամնաց թերակղզիին մէջ, եւ որ խարոյկներու տեղ մահասիւները կառուցած է՝ անոնց կապելու համար հրացանազարկի դատապարտուած զոհերը, շարունակեց ձերբակալել անխտրականօրէն, բանտարկել անխնայօրէն եւ մահացնել անգթօրէն: Ֆէրրէր, մաքուր ու շքեղ այս հոգին, ափսո՜ս, բացառութիւն մը չկազմեց ատոնց միջեւ: Ուզեց ըսել՝ դեռ անդամալուծուած չէ, նոյնիսկ արեւմտեան Եւրոպայի մէջ, այն բիրտ թաթը, որ իր մագիլները գազանօրէն կը մխէ գաղափարի արտայայտութիւններուն կուրծքը, դէռ չէ փոխուած, նոյնիսկ քաղաքակրթութեան դրացնութեան մէջ, աւա՜ղ, նախասահմանուած ճակատագիրը բոլոր անոնց համար որ ճշմարտութեան աստուածներէն կ’առաքելուին:

* * *

Այդ նախասահմանուած ճակատագիրն իսկ չէ՞ սակայն, որ աւելի գեղեցիկ, աւելի հոյակապ ու աւելի հզօր կը դարձնէ այն գործը որուն նուիրաբերուած են անոնք, եւ այն գաղափարը՝ որուն առաքելութիւնն են ստանձնած, գործ եւ գաղափար՝ որոնց վրայ ի զուր պիտի ջանան իրենց ոյժը փորձել մարդկային բոլոր անկարող ու ստորաքարշ չարագործութիւնները, բոլոր բազմապիսի հրացանաձգութիւնները: Ազատ խորհողութիւնը, զոր ամենափայլուն կերպով կը ներկայացնէր Ֆէրրէր, կը պանծայ ահա անոր նահատակումովն իսկ: Եւ գործը Արդի Դպրոցը զոր թողուց մերօրեայ հաւատաքննութեան ամէնէն թանկագին զոհերէն մէկը, առաւել քան երբեք կը փարոսանայ իր ամենաբարձր նշանակութեամբ:

Ի՞նչ է այդ դպրոցը, զոր Ֆէրրէր եւ իր համախոհները հիմնեցին ութը տարւոյ չափ առաջ Պարչելոնայի մէջ, եւ որ իր նմանները ունեցաւ յետոյ սպանիական այլեւայլ քաղաքներու մէջ, դպրոց մը՝ ուր ուսուցումը կ’ըլլայ առանց կրօնի, դպրոց մը՝ հիմնուած բանականութեան ու գիտութեան երկու հիմնական սկզբունքներուն վրայ: Այդ դպրոցը կը ձգտի «տղուն ուղեղէն վանել բոլոր այն նախապաշարումները, որ անհատին ազատագրութիւնը կը յամեցնեն: Իր մարդկայնական բանապաշտութիւնը կը կայանայ տղուն մէջ ծնցնել փափաքը՝ ընկերային բոլոր անարդարութեանց սկզբնածագումը ճանչնալու, որպէսզի ատոնց ծանօթանալով, կարենայ իր կարգին պայքարիլ անոնց դէմ: Թշնամի բոլոր եղբայրասպան պատերազմներու, թշնամի՝ մարդը մարդուն միջոցաւ կեղեքուելուն, թշնամի՝ կնոջ եւ տղուն ընկերային ստորադասութեան, թշնամի՝ բոլոր չարագործ ոյժերուն տգիտութիւն, գոռոզութիւն, չարութիւն եւ կեղծաւորութիւն, որոնք տակաւին արգելք մըն են տիեզերական ներդաշնակութեան գալուստին, Արդի Դպրոցին բանապաշտ եւ գիտակից ուսուցումը իր մէջ կը պարունակէ ուսումնասիրութիւնը ա՛յն ամէն բանին, որ նպաստաւոր է անհատին ազատութեան, հաւաքականութեան ներդաշնակութեան: Իր իտէալը եղած է րէժիմ մը խաղաղութեան, բարեկեցութեան եւ սիրոյ՝ բոլոր մարդոց համար, առանց խտրութեան դասակարգի եւ սեռի»:

Եւ այս զմայլելի իտէալին իրագործմանը ընծայուած ռահվիրան, հերոս մը ինքնին, Ֆէրրէրն է որ կը մահացուի, կը մահացուի վայրագութեամբ մը՝ որ ոչինչով կը տարբերի ամէնէն ահարկու եւ ամէնէն արիւնարբու բռնապետութեանց վայրագութենէն:

* * *

Որքա՜ն երջանիկ պարտի ըլլալ հիմա սպանիական կղերը, եւ առհասարակ բովանդակ կղերը, գոհացած սողունի մը սարսռուն հաճոյքովը երջանիկ, խաչելութեանը հանդէպ այս առաքեալին որ սրբազան պայքարը մղեց կղերին դէմ, հետեւաբար, կղերական կեղծիքներու եւ անարգութեանց դէմ, եւ որ խղճի ազատութեան, անխաբեբայ բանապաշտութեան, անհատական ու ընկերային անկախութեան դրօշը ծածանեցուց իր գործունէութեան ընթացքին:

Ֆէրրէ՞ր բայց այս անունը խորհրդանշան մըն է այլեւս ո՛չ միայն Սպանիոյ եւ միւս երկիրներուն, այլեւ մեր մէջ, խորհրդանշան մը գաղափարի ու ճշմարտութեան կռուին՝ ընդդէմ կեղծիքի ու կրօնական եւ կղերական խարդախութեանց, հասարակական անարդարութեանց ու բոլոր ախտաժէտ ու ժահրաբոյր հիմնարկութեանց, մեր մէջ ալ մանաւանդ ներկայ րոպէիս, երբ տգեղին ու ցածին երեւակայելի ու աներեւակայելի, երեւելի ու աներեւոյթ բոլոր արտայայտութիւնները, բոլոր ճահճային նեխութիւնները, բոլոր մեծահռչակ ստութիւնները, համբաւաւոր դաւաճանութիւններն ու գարշ փողոցայնութիւնները՝ նոյնացած այն միւս ապականութեան հետ, որ կղեր կը կոչուի, թեւ ու ոտք են կտրած պատուար կանգնելու ողորմելի՜ ժեստ այն ամէն բաներուն դէմ, որ դէպի իսկական ազատութիւնն ու ժողովրդային իսկական շահերը կ’ընթանան:

«Ազդակ» 1909, թիւ 41։