Ամբողջական երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Անիկա գրող մըն է, գրագէ՜տ մըն է, յետոյ հրապարակագիր մըն է, ու տակաւին ինչ որ աւելին է, քննադա՜տ մըն է: Գոնէ այսպէս կ’ըսէ ինք, գոնէ այսպէս կարծել տուած է միամիտներու, որոնք զարմանալի չպիտի ըլլար եթէ բերանաբաց մնային յետին աճպարարի մը խեղկատակ փորձերուն դիմաց: Եւ ինք, որ իրականին մէջ վերը յիշուած դերերէն ոչ մէկուն կը պատշաճի, շատ լաւ իւրացուցած է սակայն աճպարարէ մը պահանջուած գործելու բոլոր նրբահնար եղանակները, հրաշագործ ուժի մը պատրանքը տուող ձեռնածութիւնները: Օ՜, բոլոր այս վարպետ, ճարտար ու շոյտ միջոցներուն կանուխէն  խելամուտ եղած է ան, եւ ասոր համար է որ, անիկա՝ գրականութեան տկար վայրկեաններուն, երբ ուղիղ հասկացողութիւնը պահ մը կը մոլորի, մուտ կը գտնէ հասկցողներու? մօտ ալ, մերթ ընդ մերթ գրական քաղաքացիութեան իրաւունքի տէր կ’ըլլայ:

Ուրկէ՞ սակայն այս տիպարը՝ այս աճպարար, կեղծ ու ցուցամոլ գրողի –սոփեստիկի տիպարը: Պատմութիւնը պէտք է սկսիլ:

* * *

Օրին մէկը անիկա կը կարդայ թէ տաղանդաւոր մարդիկը ծոյլ կ’ըլլան: Ահա՛ իրեն համար պատգամաբեր խօսք մը, զոր շուտով կ’որդեգրէ, նորադարձ հաւատացեալի մը փոյթովն ու ջերմեռանդութեամբը: Անիկա փրկարար խօսք մըն է իրեն համար, քանի որ զինքը յոգնութենէ եւ աշխատասիրութենէ կը պարտազերծէ. չէ՞ որ ինք տաղանդ մըն էր, ուրեմն պէտք էր որ ծոյլ մնար ինքն ալ: Եւ ահա ասկէ իր դասերուն անտեսումը, վասն զի այն ատեն ուսանող մըն էր տակաւին: Եւ որովհետեւ չի կրնար յաջողիլ իր քննութիւններուն մէջ, կ’արհամարհէ դասերը, կ’արհամարհէ վարժարանը, աւելի լայն ու աւելի համարձակ նետուելու համար ծուլութեան գիրկը, որուն վրայ պիտի փթթէր իր… տաղանդը (?):

Ու օրին մէկը կը գրէ, իր տէպիւն կ’ընէ…

Կը գրէ բոլոր իր տղու խաղերուն, բոլոր իր դպրոցականի սէրերուն ու ժամանցներուն վրայ. կը պատահի որ երբեմն սիրուն բաներ ալ գրէ, սիրուն ոչնչութիւններ. ինչպէս նաեւ մէկ քանի ինքնատիպ բաներ, ու հաւնուի. եւ ահա՛ այն օրէն ի վեր թափ ու սլացք կ’առնէ ինքզինքին, իր տաղանդին մասին տածած իր մե՜ծ հաւատքը. ուրեմն իրօ՛ք ինք տաղանդ մըն էր, պէտք էր պանծալ անով, եւ կարելի եղածին չափ ճանչցուիլ շուտով:

Ու գրական մէկ քանի խաղեր՝ շուտով կը ճանչցնեն զինքը ամէնուն. յետոյ, արագ ու առատ արտաբերելու արտորանք մը անդադար գրել կուտայ իրեն յօդուածներ՝ որոնք լպրտուած յօդուածներ կը մնան, եւ որոնց ամէն մէկը սակայն հրաշակերտ մը կը կարծէ ինքը, եւ որպէս զի իր անօրինակ կարողութիւններովը ապշեցնէ ամէնքը՝ ինքնաբերաբար օրին մէկը կելլէ կը յայտարարէ թէ ինք շատ շուտով կը գրէ իր յօդուածները, շա՛տ շո՛ւտ, շա՛տ շո՛ւտ, եւ առանց նոյն իսկ վրայէն անգամ մըն ալ անցնելու:

Եւ սակայն մեր սոփեստիկը գրականութիւն կ’ընէ՜…

Գրելու տրամադրութի՞ւն. ամենեւին գոյութիւն չունի իրեն համար. բաւական է որ գրիչը ձեռք առնէ անգամ մը, եւ կը սկսի իր ողորմելի դատողութեան մոլորանքները եւ իր փցուն եւ իմաստակ մտքին չքաւորութիւնը խեղդել բառերու յորդ ու անպատշաճ կուտակումի մը մէջ, որ կը բարձրանայ, կը բարձրանայ մինչեւ որ մթերքը սպառի, եւ արդէն իր յօդուածն ալ աւարտած կ’ըլլայ:

Եւ երբ գրած պահուն իր զգայութիւնը չարթննար, այն ատեն խօսքերը իրարու կը կցէ անշնորհք հանգոյցներով, ուռուցիկ բառերը եւ ածականները քով քովի կը ցուցադրէ, եւ զանոնք կը զարդարէ շեշտերով եւ երկարներով, բացագանչութիւններ կ’ունենայ faiseur de phrases մը կ’ըլլայ, բայց ի՜նչ phrase: Յաճախ յօդուածին նիւթը ռամիկ ու տիրացուական կ’ըլլայ. այն ատեն նախերգանք մը, յօդուածին թէզին հետ անհաշտ ու անկապակից նախերգանք մը կը յօրինէ. յետոյ մեծ մարդու մը բնաբանը կ’ընտրէ իրեն, եւ կը պաճուճէ գրուածը:

Անիկա կը նմանի այն տգեղ ու անհրապոյր կնոջ՝ որուն ո՛չ մարմինը կրնայ կիրք արթնցնել, ոչ ալ դէմքին գեղն ու շնորհը կրնայ հրապուրել, բայց որ անսովոր ու անճաշակ պչրանքի մը մէջ կ’ուզէ ունենալ ինչ որ չունի, կեղծ   ստինքներ եւ կեղծ բումբեր կը շինէ, դէմքը կը ներկէ, յետոյ պոռոտ ու շլացուցիչ արդուզարդի մը մէջ կը յարդարուի:

Բայց կինը կը կարծէ թէ կը հաւնուի, ինչպէս սոփեստիկն ալ՝ երբ արդէն աւարտած է իր յօդուածը ու գոռոզ շարժուածքով մը ստորագրած զայն: Իր յօդուածները հրատարակութեան տալէ առաջ կը սիրէ կարդալ զանոնք հեղ մը իր բարեկամներուն, ու մէկ քանի անգամ կը կարդայ՝ հանդիսաւոր ընթերցումով մը, լուրջ թոնով մը եւ թրթռուն ձայնով մը. ձախ ձեռքով թուղթը բռնած, իսկ աջը՝ բաճկոնին անութին անցուցած, բարձրաթիռ նայուածքներ նետելով աջ ու ձախ: Ու կը կարծէ թէ հաճելի բան մը ըրած կ’ըլլայ անոնց, եւ երբ ունկնդիրներէն մէկը գնահատութիւն մը չըներ, ինք կը հաւնի իր գրածին, եւ մէկ երկու ապուշ կէտեր ի վեր կը հանէ՝ իբր սրամտօրէն յղացուած խօսքեր:

* * *

Իր կարծեցեալ տաղանդին վերաբերմամբ տածած իր անխախտ հաւատքին մէջ ո՛չ միայն միտքը անմշակ թողած է, ինչ որ պատճառ մը եղած է որպէսզի չկարենայ գռեհկացած ու կրկնուած նիւթերու շարքէն դուրս ինկող բաներու վրայ խօսիլ, այլ եւ տխմար ինքնահաւանութեան մը մոլուցքին գերին եղած է. եւ ա՛ս է ամէնէն աւելի որ զինքը ծիծաղելի կը դարձնէ։ Ինք մեծ մարդ է, մեծ կարողութիւն մըն է. այսպէս կը հաւատայ ինքը եւ կ’ուզէ հաւատացնել ալ ուրիշներու, ապահովաբար անոնց՝ որ ո՛չ գրականութեան, ո՛չ ալ զարգացումի մասին գաղափար մը ունին: «Ե՛ս, կըսէ, ե՛ս այսպէս կընեմ ե՛ս», եւ կամ «խօսք չե՛մ ուզեր ես»:

Կը սիրէ ասանկ փութկոտ վճիռներ արձակել, իր հեղինակաւորութեան! անմատչելի ցցունքներէն… Բայց շատ անգամ այդ վճիռներուն սաստկութիւնը կը մեղմացնէ, երբ ուրիշ վճիռներ աւելի զօրաւոր կը փրթին: Այսպէս, սոփեստիկը կը վճռէ թէ  ահռելի է, ճիւղային է, միշտ արդէն իր վճիռները ասանկ ահռելի եւ ճիւղային կ’ըլլան այն ինչ հատորը որ նոր հրապարակ ելած է, որ իր ռամկունակ ճաշակին անհաղորդ գործ մըն է, բայց զոր ուրիշներ հիանալի կը գտնեն: Անիկա անգամ մը որ ուրիշներու կարծիքը կը լսէ, ձայնը կը ցածցնէ քիչ մը, յետոյ կը խորհի թէ պատշաճ չէ որ ինք չկարենայ հասկնալ գիրք մը, զոր ուրիշներ կը հասկնան. ու երկու օր ետքը ոչ միայն վճիռին սաստկութիւնը մեղմացուցած, այլ անոր բոլորովին ներհակ ուղղութիւն մը տուած կ’ըլլայ, եւ ահա կը տրամադրուի նպաստաւոր լեզուով մը խօսիլ ան գիրքին վրայ՝ զոր սակայն չի հասկնար նորէն, բայց այդպէս կ’ընէ՝ ըսել չտալու համար թէ ինք անկարող է ճաշակելու իսկ եւ իսկ եւ բարձրօրէն գրական եւ գեղարուեստական մտքի մը ծնունդը:

Դարձեալ, օրինակի համար, եւրոպական երաժշտութիւնը կ՚արհամարհէ, բայց երբ այդ առթիւ կը կշտամբուի հրապարակաւ, անիկա անկէ վերջը առիթը չի փախցներ եւրոպական երաժշտութեան վրայ ճառելու, այնպէս կարծել տալու համար թէ ի՛նք ալ կը հասկնայ զայն:

Ինքնահաւան է, կը հաւնի ինքզինքին ա՛յնքան որքան իր գրածներուն, զորս կը շոյէ, կը փայփայէ. ու, ի դէպս եւ յանդէպս կը պարծենայ՝ «Ի՛մ գաղափարս է ատիկա, ե՛ս մէջտեղ նետեցի՛»: Եւ ի՞նչ է այդ գաղափարը, գիտէ՞ք. մեր աղջիկները ինչո՞ւ համար համարձակ չեն ըլլար. քուզէնները պէ՞տք է որ սիրաբանեն իրենց քուզիններուն հետ, տիրացուները ինչո՛ւ բարձր կ’երգեն ու ցած չեն երգեր, ու շարքը կարելի է երկարել…

Ինքնահաւան է, ու շատ կը սիրէ ինքզինքին վրայ խօսիլ տալ. ատոր համար ալ գիտէ միջոցներ ստեղծել:

Սալօնական կեանքի ջերմ սիրահար մըն է սոփեստիկը, որ պուրժուա մըն է միեւնոյն ատեն, եւ պուրժուա դասակարգին յետ միայն յարաբերութիւն կ’ուզէ հաստատել. այս պատճառաւ շահ հեղ ինքնակոչ հանդիսական մը կ’ըլլայ այս կամ այն երեկոյթին կամ ցերեկոյթին, ուր Աննիկներու հետ շատ լաւ գիտէ պարել, ֆլիրթել, եւ իր կարգին, եւ եթէ տեսնէ որ իր մասին բան մը չի խօսուիլ, պէտքը կը զգայ ձայնը լսելի ընելու.

Ե՛ս, կ’ըսէ, ե՛ս գրա՛ծ եմ այդ նիւթին վրայ, ե՛ս…

Ասկէ զատ պէտք է ըսել թէ հանգստաւէտ կեանքի մը մէջ կրցած է վիվէօրի մը ճաշակները զարգացնել քան իր գրական ճաշակները, եւ շատ լաւ գիտէ՝ օրինակի համար՝ կեանքի ջուրին համը հանել՝ բացօթեայ տեղ մը, օ՜խ, երբ ինճէսազ մըն ալ երազային ու հեշտօրօր մեղեդիներ կը քնարերգէ, զորս կը նախընտրէ Վակնէրի մը կամ Շումանի մը վրայ:

Իր տենչն է շատ ինքզինքին մեծ շուք մը տալ, «մեծ» մարդոց մօտենալ, անոնց հետ տեսնուիլ. այս պատճառաւ գրագէտներու բարեկամը կ՚ըլլայ, անոնց հետ քով քովի կ՚ուզէ քալել, կը քծնի անոնց, բայց ի բացակայութեան չի վարանիր խծբծելու զանոնք, անշուշտ իր մտքին հասկացողութեան համաձայն: Անկեղծութիւն եւ սկզբունք՝ անհարկի բառեր են իրեն համար, եւ ի հարկին յանձն կ՚առնէ գրականութիւնը զոհելու բարեկամական նկատումներու:

Եւ վերջապէս, այս ամէնէն վեր, ու այս ամէնուն վրայ՝ կը յանդգնի հեգնել աս ու ան, եւ մասնաւոր ու հրապարակային դասեր տալու ո՛չ թէ ինքզինքին, որ շատ պէտք ունի անոնց, այլ անա՛նկ գրողներու, որոնք տաղանդով ալ, արժանիքով ալ, հմտութեամբ ալ իր վրայ շատ մեծ առաւելութիւններով կը ներկայանան:

«Սուրհանդակ» 1906, թիւ 2236։