Ահաւասիկ
դատաստանական
պահը,
վերջին
գիշերները՝
Ապտ-Իւլ-Համիտի
երեք
անգամ
տասը
տարիներու
կործանարար
գիշերներուն:
Ահաւասիկ
վերջապէս
պահը՝
ուր
անոր
ադամանդակուռ
պղծութիւններուն
գահոյքը
կը
փլի
թշուառականօրէն,
—
եւ
ոճիրին
կռատունները
կը
փլին
արդէն,
եւ
չարիքը
կը
խաւարի,
եւ
արիւնի
աղբիւրները
կը
ցամքին:
Դահիճները,
երկչոտ
ու
անպաշտպան,
կ’անյայտանան,
ժահրաշունչ
սողունները
կ’աներեւութանան,
եւ
սրաժանիք,
վայրենի
շիկերէները
ահա
կը
փախչին,
կը
փախչին
անդարձ,
ո՛վ
գիտէ
դէպի
ո՛ր
որջերուն
խորը
իրենց
անմխիթար
ու
ահաւոր
սգահանդէսը
սարքելու:
Ահա
կարմիր
դահճապետը
իր
եղեռններուն
արբշռանքէն
կը
սթափի
վերջապէս,
եւ
ահա
կը
զգայ
թէ
ո՜րքան
մինակ
է
ինքը,
անհուն
վայրկենին,
որ
իր
արիւնի
թագաւորութեան
գերեզմանը
կը
լուսաւորէ:
***
Հիմա
այլեւս
կ’աւարտի
իր
սեւ
փառքը,
կը
փակուի
այն
ընդարձակ
ու
չարաշուք
գլուխը
զոր
թագակիրներու
ամէնէն
անարգը,
Ապտ-Իւլ-Համիտ
գրաւեց
բռնապետներու
վաւերագրքին
մէջ:
Վերջին
օրե՜րը
վերջապէս
երեսուն
երեք
տարուան
միապետութեան
մը
անիծապարտ
օրերուն,
որոնց
իւրաքանչիւրը
նուիրուած
էր
չարիքի
պաշտամունքին,
—
եւ
ահա
իր
պատուանդանէն
կը
գլորի
վատասերած
մարդու
այս
ամենանողկալի
տիպարը,
զոր
հալածելու
մոլուցքը
եւ
հալածուելու
երկիւղը
նոր
ժամանակներուն
ամէնէն
յիմար
բռնակալը
դարձուցին:
Ապտ-Իւլ-Համիտ
կամ
արիւնաթաթաւ
ձեռքերով
դահճապետը,
անփառունակ
վախճանի
մը
մէջ
կը
նուաղի՝
անջնջելի
ու
անսահման
արատ
մը
թողած
իր
ցեղին
պատմութեան
մէջ,
բովանդակ
մարդկային
պատմութեան
մէջ,
որ
անարգական
բազմապիսի
ստորոգելիներու
հետ
պիտի
հռչակէ
զայն
մանաւանդ
իբր
«հայերու
խողխողիչը»,
մինչ
դարաւոր
ժողովուրդ
մը
իր
հարիւր
հազարաւոր
զոհերու
աւաչներուն
ոյժովը,
իր
ամէնէն
սրտաբուխ
նզովքներուն
թիրախ
պիտի
դարձնէ
անոր
արիւնարբու
անունը:
Կարմիր
Սուլթանը
երեւցաւ
իբր
ժամանակավրէպ
մը
վերջնագոյն
քաղաքակրթութիւններու
դարաշրջանին
մէջ,
եւ
մրցախնդրութեան
մը
դիւային
եռանդին
մէջ
գերազանցեց
հռոմէական
ու
ասիական
բոլոր
արիւնայեղց
աչուըներով
մթին
չհերոսները
ոճրագործ
բռնակալութեան:
Ան
մարդկութեան
դէմ
ամենաահեղ
հայհոյանքը
մարմնացուց,
եւ
վիթխարի
եւ
անխոնջ
գերեզմանափորը
դարձաւ
գեղեցկութեան,
ազատութեան
եւ
երիտասարդութեան
բոլոր
արտայայտութիւններուն:
***
Կարմի՛ր
Սուլթան,
—
կարմի՛ր
դահճապետ,
որ
քու
միահեծան
իշխանութեանդ
լծուած,
քու
վամբիրի
արտականոն
ուրուականդ
վազցուցիր
քաղաքներու
եւ
գիւղերու,
ծովերու
եւ
լեռներու,
հովիտներու
եւ
դաշտերու
վրայէն,
եւ
գեղեցիկ
Հայաստանի
տարաբախտ
հորիզոններուն
վրայէն,
կոտորածի,
քանդումի
ու
աւերումի
փոթորիկը
մռնչացիր
գազանօրէն,
եւ
քու
գարշ
ու
խժալիր
հեւքիդ
մէջ
խեղդել
ուզեցիր
բոլոր
ողբերն
ու
եղերգները
միլիոնաւոր
բազմաչարչար
զոհերուդ,
ըսէ՛,
արիւնաթաթաւ
շրթունքներով
մե՛ծ
մարդասպան,
արդեօք
գէթ
րոպէ
մը
ինքզինքդ
յոգնած
չե՞ս
զգար,
այդ
չարագործ
արշաւիդ
մէջ,
գէթ
քու
սուլթանութեանդ
վերջին
գիշերին
մէջ,
ուր
ազատութեան
եւ
արդարութեան
պահակները
վերջապէս,
այնքան
ուշ,
բոլորովին
կը
շղթայեն
քեզ,
ու
տիրողի
մականդ
կը
խլեն
քու
անարժան
ձեռքերէդ:
Գոնէ
րոպէ
մը,
մանրերկրորդ
մը
չե՞ն
վրդովեր
քեզ
խուլ
ու
փրփրալիր
մռնչիւնները
ոճիրներուդ
ովկէանին:
Բայց
ո՛չ,
վասնզի
դուն
ոճիրին
անձանձիր
ու
խելագար
գեղապաշտն
(!)
էիր,
որ
ուզեցիր
Վերեշչակինի
Գանկաբուրգը
իրականացնել
վայրագնօրէն,
անճառելի
հեշտանքով
մը,
անսպառ
ու
հրէշային
երեւակայութեան
մը
թափովը,
անհուն
գազանութեան
մը
մոլուցքովը
տենդահար:
Ու
քու
եաթաղաններովդ,
որոնք
միշտ
դեռ
նոր
բաժնուած
էին
յեսնաքարէն,
եւ
քու
կախաղաններովդ,
զոր
տնկեցիր
մէն
մի
քայլափոխիդ,
մարդկային
գանկերէ
լեռներ
յօրինեցիր,
եւ
ոսկերոտիքէ
պալատներ
կառուցիր:
Քու
գինիդ
քաղցրացուցիր
եւ
քու
կալուածներդ
ոռոգեցիր
մարդկային
արիւնով:
Պատմական
ու
հմայիչ
մեր
Արեւելքը՝
իր
հոյակապ
գեղեցկութեան
մէջ,
զուլումի
ու
զնտանի,
սրածութեան
եւ
շղթայի,
ահի
ու
սարսափի
տակ
խեղդամահ
ընել
ուզեցիր:
Եւ
հիմա,
հիմա
քու
հիմնած
զնտաններէդ,
քու
լաստակերտած
կախաղաններէդ
եւ
քու
փորած
բոլոր
գերեզմաններէդ
ազատութիւնը
յարեաւ
ու
ցցուեցաւ
քու
դէմդ,
շա՛տ
աւելի
հզօր
քան
քու
երկաթեղէն
եւ
ամրակուռ
բռնակալութիւնդ,
հիմա
ատենը
եկաւ
նաեւ
որ
քու
եղեռնագործ
կարողութիւններուդ
մէջ
բանտարկուիս
այլեւս,
ու
քու
աղիտաբեր
կեանքիդ
յաւելուածական
մասը
վերջացնես
վրդովիչ
մղձաւանջներու
եւ
նրբին
տանջանքներու
գերութեան
մը
մէջ:
«Ազդակ»
1909,
թիւ
17։