Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Աւերիչ ոյժի ի՜նչպիսի դիւահար մոլուցք մըն է, որ ատեն ատեն կոտորածի երեւոյթին տակ իր գլուխը կը ցցէ, կը ցնցուի թուրք ցեղին աշխարհակալած սահմաններուն մէջ, կը յորդի եւ ամէնէն զայրագինովը բոլոր վայրագութիւններուն, կը յարձակի ամէ՛ն բանի վրայ որ հայ է ու հայունն է: Ի՜նչ անողորմ ու եղեռնածարաւ, հայաքանդ խորշակ մըն է այդ երեւոյթը, կոտորածը՝ որ այլեւս բնիկ համաճարակ մը դարձած թրքահայուն համար՝ իբր ամէնէն աւելի ամեհին բոլոր համաճարակներուն, յանկարծօրէն կ’ոգեւորի, կը փչէ անսանձ, փճացնելով, սպաննելով հայ կեանքի եւ հայ ստեղծագործ աշխատանքի բոլոր բազմադիմի արդիւնաբերութիւնները, մահասարսուռ դիակնարանի մը վերածելով զանո՛նք, որ երէկի բարգաւաճ քաղաքներն ու շէն գիւղերն էին, մոխրացած փլատակներ միայն թողլով ա՛յն կառուցումներէն որ բիւրաւոր մարդոց ճիգերովն ու քրտինքովը իրականացած էին, ամայացնելով բոլոր դաշտերն ու արտօրաները՝ կենսաբաշխ հիւթերովը սերմնաւորուած:

Ի՜նչ կոյր ու անողոք վտանգ մըն է ան՝ հայկական կոտորա՜ծը որ ահա անխոնջ աւիւնով մը մարտիրոսագրութեանց խուժդուժ պատմութիւնը կ’ահակերտէ բազմաչարչար ժողովուրդի մը եւ որ միւս կողմէ մարդկութեան պատմութիւնը կ’ապականէ յաւիտենապէս ու պատմական չարագործութիւնները կը գերազանցէ աստիճանական կատարելագործումի մը ընթացքին:

Օ՜ թշուառ, մարդախողխող կոտորած, արիւնատենչ եւ անզուսպ արտայայտութիւն անանուն մարդագազաններու: Իբր թէ ուզէր գալ հեգնելու, անարգելու, հայհոյելու ի՛նչ որ կայ գեղեցիկ ու նուիրական՝ մարդուն մէջ ու մարդէն ծնած, կեանքը, արարիչն ու արարչագործութիւնը, իտէալը, բոլոր ազնուագոյն տեսիլքները, քաղաքակրթութիւնը:

Կոտորա՜ծը, վայրագ դրութիւնը չարածնունդ ու ստորնաքարշ բնազդներու, պաշտամունք՝ անարգօրէն բիրտ ոյժին՝ որ սուրի ու հուրի ջահակրութեամբ մը ոճիրներու համայնութիւնը կ՚աստուածացնէ։ Արիւնայեղց աչքերով ահաւոր խելագարութիւնը, որ ովկէանային մակընթացութեան մը թափովը կ’ընկլուզէ, կը ջնջէ ամէն բան: Բազմապահանջ ու դիւային դահճութեան մը հնձումը՝ մարդկային ապրող հասկերու անճիտումին ի խնդիր:

Ու ահա այդ ժողովրդաջինջ աղէտը կը շարունակէ պիտի շարունակէ՞ իր գոյութիւնը եւ հնար չէ եղած հնար պիտի չըլլա՞յ չքացնել զայն, խեղդել անոր թունաւոր շունչը։ Հայկական կոտորածը՝ աւելի վայրագ, քան երբեմնի ասիական արշաւանքները եւ անբաղդատելի կերպով եղեռնական քան հրէական բոկրոմները, չէ դադրած պիտի չդադրի՞ ըլլալէ մշտական ու վրդովիչ սարսափը ցեղի մը համար, որուն ինկած է ամէնէն եղերական հատուածը կարդալ տիեզերքի ողբերգա-կատակերգական գլուխ-գործոցին մէջ: Ան չէ կասած ահա պիտի չկա՞սի ան իր անհուն մանգաղին դժնէփայլ շեղբը ցոյց տալէ ժողովրդի մը՝ դարերէ ու վաղեմի քաղաքակրթութիւններէ հրիտակուած՝ որ ինքն իսկ մշտնջենական ու յարանորոգ ծիլն է կեանքի ու գեղեցկութեան՝ արիւնով ու տռամով սնած, լքուն գուղձի մը վրայ փթթինագեղ:

Կոտորա՜ծ, դարերէ ի վեր, թիմուրլենկեան արիւնատարափ թաթառներէն ի վեր, շահ-աբբասեան սրածութիւններէն ի վեր ու դեռ երէկ, ձարական նենգութիւններէն ու մանաւանդ համիտեան մարդակերութիւններէն ի վեր, ու այդ բոլոր մոլեգնութիւններու փոթորիկին մէջ. ահա մարդկութեան ցաւագին խլեակ մը՝ հայը, քանդուած իր բոյնին մէջ, խոցոտուած, կարեվէր, արտասուագին, խանգարուած իր վայրկեանի հանգիստին մէջ, ընդհատուած շարունակաբար իր աշխատանքի անդորր երգին մէջ, նետահար իր շտապին մէջ դէպի ազատութիւն:

Ու տակաւի՞ն: Ու կոտորա՞ծ նորէն: Ու նոր Գողգոթա՞ մը՝ Գողգոթայի անվերջ ու համաժողովրդական խաչելութենէն ի վեր:

Ափսո՜ս, ահա՛ Մայր-Հայաստանէն ետքը դո՛ւն եւս, Կիլիկիա՛: Ահաւասիկ կոտորածը՝ իր բազմաժանիք սուրը մխրճեց քու շքեղ ու կենսաբաբախ, կաթնառատ ստինքներուդ մէջ ալ, Կիլիկիա՜, արեւագե՜ղ հարաւուհի: Ահաւասիկ կործանարար ողողումը վանդալներուն՝ մոլեռանդութեան, նախանձին ու եղեռնարբու հաճոյքին ամեհութեամբը փրփրայեղ՝ խեղդեց քեզ: Բիւրաւոր բազուկներ, օր ու գիշեր, անդուլ, աւիւնալից, շարժեցան ու սղոցեցին հէգ սերունդ մը զոր տխրագեղ աւանդութիւններուն օրրերգովը դիեցուցիր գրկիդ մէջ: Բիւրաւոր անանուն մարդակերպեր՝ քու պարմանիներուդ ազնիւ արիւնովը արբեցան ու չյագեցան եւ քու աղուահայեաց դուստրերուդ ու հարսերուդ մաքրութիւնը իրենց ժահրալիր պղծութեամբը ապականեցին: Եւ բիւրաւոր մթին ուրուականներ՝ եղեռնի մեհեանէն ուխտադրեալ արձակուած՝ քու մարդկային բոյնդ բարբարոս տանջանքներու դժոխքի մը մէջ ողջակիզեցին:

Եւ դո՛ւն, Կիլիկիա, պայծառ երկինքովդ արփաւէտ երկի՛ր, Միջերկրականի լեղակովը թափանցուած ու կիպրեան վարդենիներովը բուրումնաւէտուած, չարաշուք, աղիտաւոր երազի մը դժնեայ տեսիլքներէն զահանդած, վիրաւոր ու մահամերձ ինկար՝ Սիհունի ափերուն վրայ, որ քու արիւնէդ ու արցունքէդ յորդեցան, ինկար՝ լքուած, հարուածուած անգամ մը եւս քու պատմական փառքիդ ու հոյակապ գեղեցկութեանդ մէջ ու անմխիթար, ի զո՜ւր կը սպասես բարի անցորդի մը որ իր ձեռքը երկարէ քեզի:

Խոշտանգուեցար անոնց բիրտ ոտնաթաթերուն տակ, որ արշաւասոյր դոփեցին քեզ. յետոյ քու երկնքիդ վառիլն ու յետոյ մթագնիլը տեսար հրդեհներու բոցէն ու ծուխէն: Լսեցիր, գազանային վայնասուններու հետ միաժամանակ, զարհուրելի եղանակաւորումը սարսափի, աղերսի, բողոքի, ցաւի եւ անասելի տառապանքի բազմազան աւաչներուն՝ անսահման տանջարանէ մը բխած, աւաչները սրախողխող ծերունիներուն, չարչարուող կիներուն, կրակուող երիտասարդներուն, մորթոտուող մանուկներուն եւ բոլոր բոցակիզուող թշուառներուն:

  Ո՜ւհ, թանձրամած անհուն մղձաւանջը որ իր երկաթէ անուրը անցուց քու պարանոցիդ: Ու պահ մը լսեցիր, թուեցաւ քեզի թէ լսեցիր սպառնական խուլ մռունչները Տաւրոսի ոգիներուն, վերզարթումի որոտները, իրենց դարաւոր քունէն, երբեմնի յաղթական ռազմիկներուն՝ որ քու միջնաբերդերուդ վրայ մահը պանծացուցին հերոսական պայքարի փառքովը ճառագայթարձակ եւ որ վերակենդանացած էին, եւ որ կ’աղաղակէին քու այսօրուան փլատակուած քաղաքներուդ տանիքներուն վրայ, իրենց պատնէշներուն վրայ կռուող քաջերու անձին մէջ:

Անո՜նք, քաջե՜րը, եւ ահա՛ թէ որոնք եղան յաղթական արտայայտութիւնները՝ մեր կոտորածներու ընթացքին եւ մեթերլինկեան «անմեղ»ներու հծծիւններուն մէջ, խրոխտ զայրագնութեան աղաղակը բարձրացուցին: Ո՜րքան մեծ անոնց դերը՝ քանդիչ ու մահասփիւռ խուժան մը՝ կոտորածի գործաւորները փճացնելու գեղեցկագործութիւնը: Ո՛րքան մեծ: Մա՜հ անոնց, որ մահու սերմանացան կ’ուզեն ըլլալ: Եւ այս պատգամը, որ նոր հայուն նոր Աւետարանին առաջին խօսքը պէտք էր ըլլալ, հազիւ թէ կը լսուի, չըսելու համար՝ թէ բնաւ չի լսուիր: Ահա տարիներէ ի վեր հայ յեղափոխութիւնը կը ճչայ զայն, իբր փրկութեան միակ ելքը՝ կոտորածի արհաւիրքներուն մէջէն: Մա՛հ անոնց որ մահ կը տարածեն: Եթէ այս պատգամը՝ իր կրկնուած, բազմապատկուած ու չափազանցուած իմաստովն իսկ, ունենայ իրեն հաւատացող ամբողջ ժողովուրդ մը կամ ցեղ մը՝ ան արդէն զերծանած է կոտորածի սպառնալիքէն: Այն ատեն չի հարցներ. —Ու տակաւի՞ն:

Նոր Աւետարանին ձայնն է որ կը հնչէ նորէն՝ հեթանոսական վեհութեամբ ու հզօր գեղեցկութեամբ եղանակաւորուած եւ ռազմիկներու դիւցազնական շունչէն ուժեղացած:

—Կոտորա՜ծ. անո՛նց որ կոտորել կ’ուզեն։

 

«Ազդակ» 1909, թիւ 21։