Ազգապատում. հատոր Գ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԵՓՐԵՄ Ա. ՁՈՐԱԳԵՂՑԻ

2309. ԵՓՐԵՄԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Դանիէլի մահուամբը անտէրունջ մնացած կը սեպուէր Մայրաթոռը, զի յաջորդ ցուցուած Եփրեմը հասած չէր, սակայն նոր կարգադրութեամբ Վարիչ Սինոդ մը կազմուած էր, որ տէր կանգնեցաւ Աթոռին, եւ իր նախանդամը, Բարսեղ Աշտարակեցի եպիսկոպոսը, տեղակալութեան պաշտօնը ստանձնեց: Բարեբախտաբար Դաւիթ Էնէգէթցի գահազուրկ կաթողիկոսին կողմէն ալ խլրտում մը տեղի չունեցաւ, զի Միաբանութիւնը բովանդակ իրեն դէմ էր, եւ Ցիցիանովի գրած նամակին յայտնութեամբը` Պարսիկներուն բարեկամութիւնն ալ կորուսած էր 2301), արտաքին կերպարանովն ալ ներկայանալի ձեւ չունէր, զի մօրուքին ածիլուելէն 2298) հազիւ ամիս մը անցած էր: Միաբանութիւնը ակնկալութեան դիրք մը կազմեց իրեն մինչեւ որ Եփրեմ հասնի, որուն ետեւէն զրկուած էր Ռեթէոս եպիսկոպոս` զայն Էջմիածին առաջնորդելու համար, Միաբանութեան հանրագրութեան, եւ Դանիէլի յայտնած համաձայնութեան, եւ Ապպաս-Միրզա արքայորդիէն ստացուած հաստատութեան զօրութեամբ 2301): Բայց մինչեւ որ Եփրեմ հասնէր, նոյն Ապպաս-Միրզայի` ժառանգի տէրութեան Պարսից` հրովարտակաւ Բարսեղ Աշտարակեցի եւ Սիմէոն Մակուեցի եպիսկոպոսներ նշանակուեցան Վերատեսուչ պատրիարքական կառավարութեան (ՄՍՐ. 76): Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան մէջ ալ` Դաւիթեան շարժում տեղի չունեցաւ, թէպէտ պատրիարքական աթոռին վրայ կը գտնուէր տակաւին Յովհաննէս Բաբերդցին, երբեմն Դաւիթի պաշտպան եղած, իսկ ոմանք յառաջադէմք ի ներգործութիւն ազգական, այսինքն Կ. Պոլսոյ ազգային գործերու գլուխ գտնուողներէն ոմանք, թելադրութիւններ ալ հասուցին Էջմիածին, որպէսզի շուտով Դանիէլի յաջորդը նշանակուի, ինչ որ Միաբանութիւնը Դանիէլի կենդանութեան օրերէն հոգացած էր 2300): Կ. Պոլսեցւոց փափաքն էր որ վերեւ յիշուած աթոռի երեք վերատեսուչներէն մէկը անմիջապէս կաթողիկոս հռչակուէր եւ օծուէր, ինչ որ Դաւիթին վերադարձը արգիլելու նպատակը կը ցուցնէ: Բայց Միաբանութիւնը հաստատուն մնաց Եփրեմը կաթողիկոսացնելու միտքին վրայ, ինչպէս որ Դանիէլ կրկին կրկին յանձնարարած էր իր վերջին օրերուն մէջ: Այդ նպատակին հասնելու համար Միաբանութիւնը պաշտօնական ձեւակերպութեանց ալ ձեռնարկեց, եւ ժողով հռչակեց, թէ իրենց ընտրութեամբ հայրապետական աթոռին վրայ կ՚ուզեն միայն զԵփրեմ եպիսկոպոսն` որ ՚ի Ռուսաստան, եւ ոչ այլ ոք (ՄՍՐ. 76): Այդ որոշումը գրուեցաւ Մայրաթոռոյ գերագոյն իշխանութիւն ճանչցուած, եւ Սուրբ ժողովն բարձրագոյն խորհրդարանի Սրբոյ Էջմիածնի կոչուած մարմինին հեղինակութեամբ, եւ ըստ այնմ պաշտօնագիրներ ուղղուեցան, թէ Եփրեմի եւ թէ Ռուսաց կայսեր, եւ յղուեցան Ռեթէոս եպիսկոպոսին, որ արդէն պատուիրակ նշանակուած էր, բայց պատերազմական արգելքներու պատճառաւ չէր կրցած իր ուղեւորութիւնը փութացնել եւ աստ եւ անդ կը դեգերէր: Ներսէս նորէն դարձաւ Ապպաս-Միրզայի մօտ, պարսիկ կառավարութեան վերջնական հաստատութիւնն ստանալու, եւ որչափ ալ Ապպաս աւելի յօժար կ՚երեւէր, որ Ռուսաստանէ գալիք մէկուն տեղ, պարսիկ արքունիքին մօտէն ծանօթ` Մակուայ առաջնորդ Սիմէոնը կաթողիկոսանար, սակայն թէ Սիմէոնի ետ քաշուելովը, եւ թէ Ներսէսի յանուն Միաբանութեան ըրած ջանքերովը, արքայորդին հաւանեցաւ եւ վերջնական ընտրութեան պաշտօնագիրը տուաւ Եփրեմի անունով: Այդ գիրն ալ յղուեցաւ Ռեթէոսի, որ վաւերագիրներով զօրացած, իր պաշտօնը կարենայ գլուխ հանել: Այսպէս լրացաւ Եփրեմի կանոնական ընտրութիւնը, առանց սպասելու Կ. Պոլսոյ ազգայնոց համաձայնութեան եւ սուլտանի ֆէրմանին, վասնզի ժամանակ չկար (ԵՐՑ. Ա. 48), եւ անակնկալի մը դիմաց գտնուելէ կը վախցուէր: Եփրեմի անունը արդէն Տաճկահայոց ծանօթ էր, եւ անգամ մըն ալ ընտրելի ներկայացած էր 2219), եւ հակառակութեան չէր հանդիպած, իսկ անկէ ետքը իր ուղղութեամբն ու գործունէութեամբը նոր յարգ ու աւելի վարկ շահած էր Տաճկահայոց աչքին ալ:

2310. ՌՈՒՍԻՈՅ ԸՆԹԱՑՔԸ

Ռուսաց կառավարութիւնը այդ վերջին անցուդարձերէն առաջ ստացած էր Դանիէլի դիմումը, որ իր հիւանդութեան պատճառով կը խնդրէր, այժմէն Եփրեմը փոխանորդ եւ վարիչ նշանակել, ապագային անարգելք եւ առանց ժամանակ կորցնելու յաջորդել կարենալու համար: Մինաս Լազարեան ալ ստացած յանձնարարութեան համեմատ` ոյժ տուած էր այդ գործին: Բայց կառավարութիւնը կ՚ուզէր նախապէս Կովկասի կուսակալին կարծիքն ալ առնել, եւ ըստ այնմ գործի ձեռնարկել: Գլխաւոր նախարար, Կոմս Սալդիկով, 1809 յունուար 29-ին Կոմս Գուտովիչի կը գրէր այս մասին, առանց Դանիէլի մեռած ըլլալէն լուր ունենալու, թէպէտեւ մահուան օրէն 112 օրեր անցեր էին, ինչ որ ժամանակին տիրող յարաբերութեանց դժուարութեանը մասին գաղափար մը կու տայ: Սալդիկով իբր սկզբունք կ՚ընդունի, թէ Ռուսիոյ համար կանոն է, ոչ թէ հակառակիլ ընդհանուր Հայ ազգի ցանկութեանը, այլ ջանալ համերաշխ լինել այդ ցանկութեան, եւ կը հարցնէ թէ ո՞վ է բաղձացուած ընտրելին, պայմանաւ որ իւր հաւատարմութեամբ եւ աջակցութեամբ` ռուսական կայսրութեան շահերին համակիր մէկ մը ըլլայ: Կայսրը, կ՚ըսէ, հեռի չէ Դաւիթն ալ ընդունիլ, եթէ միայն կարող էք յոյս տածել` դարձնել դորան մեր կողմը, եւ ներկայ պատերազմական վիճակին մէջ նորա ազդեցութիւնից օգուտ քաղել: Միանգամայն կը հրահանգէ, որ եթէ Դանիէլի մահը կանխէ, յարմար դատած մէկը փոխանորդ հաստատէ չսպասելով նոր կայսերական հրամանի (ԵՐՑ. Ա. 42-44): Գուտովիչ կը պատասխանէ նոյն 1809 տարւոյ փետրուար 27-ին, եւ կը ծանուցանէ Դանիէլի մահը, կը յայտնէ` Դանիէլին եւ Միաբանութեան կողմէն Եփրեմի ուզուած ըլլալը, եւ անոր հաստատութիւնը` ռուսական շահերուն համաձայն ըլլալը. կը յաւելու թէ Դաւիթի ընտրութիւնը շատ սակաւ կը համապատասխանէ թէ Ռուսիայի օգուտներին, եւ թէ Հայոց ազգի ցանկութեանը: Ինքն վստահութիւն չունի որ Պարսիկները համակիր ըլլան Եփրեմի, ուստի կը թելադրէ, որ Էջմիածնի Պարսից ձեռքը գտնուելուն պատճառով, օգտաւէտ կը լինի որ մի առժամանակ նա մնայ Թիֆլիզում, ռուսական հովանաւորութեան ներքեւ (ԵՐՑ. Ա. 44-46): Այդ միջոցին, 1809 փետրուարին, Ռեթէոս դեռ նոր հասած էր Տփղիս, ձմեռնային դժուարութիւններէ եւ պատերազմական արգելքներէ յապաղած, բայց Տփղիսի մէջ առած լուրերը եւ Գուտովիչի տրամադրութիւնները զինքը քաջալերեցին վստահութեամբ պատուիրակութիւնը շարունակելու: Այդ եղելութեանց մէջ նկատողութեան արժանի կը սեպենք այն փութկոտութիւնը, զոր ամէնքը կը դնեն կաթողիկոսական ընտրութեան համար ռուսական կայսրութեան հաւանութիւնն ստանալու, թէպէտ Էջմիածին ռուսական տիրապետութեան ներքեւ չէր: Այդ փութաջանութեան մեջ անհնար է չտեսնել, Ռուսաց հանդէպ Հայերուն ունեցած մեծ վստահութեան եւ մեծ համակրութեան յայտնի նշանը: Ռուսներ արդէն Կովկասներն անցած, եւ բաւական գաւառներու ալ տիրապետած, եւ հետզհետէ ընդարձակուելու վրայ էին, այնպէս որ Էջմիածնի ռուսական տիրապետութեան անցնիլը այսօրուան վաղուան մի գործ կը նկատուէր: Միւս կողմէն այնչափ ծանրացած էին պարսկական անկանոն եւ բռնական տիրապետութեան նեղութիւնները, որ Ռուսիա իբր ազատարար կ՚ողջունէր, եւ անոր գալուստը կը բաղձացուէր, եւ այդ զգացումը տարածուած էր Հայոց մէջ անդստին Օրիի օրերէն: Ասով մէկտեղ չմոռանանք յիշատակել, թէ Էջմիածնի Աթոռը` միջազգային կացութիւն մը կը սեփականէր իրեն, իրաւասութիւն ունենալով Ամենայն Հայոց վրայ, ո'ր պետութեան ներքեւ ալ գտնուին անոնք: Այս պատճառով է որ նա շարունակած էր Օսմանեան կայսրութենէ հրովարտակ ստանալ, թէպէտ ինքն պարսկական տիրապետութեան ներքեւ էր, բայց Հայութեան մեծ մասը օսմանեան հպատակ էր, եւ անոր վրայ ալ Էջմիածին իրաւասութիւն կը վայելէր: Այս ատեն արդէն Հայութեան մի մասն ալ ռուսահպատակ դարձած էր, եւ ռուսական հրովարտակն ու հաստատութիւնն ալ կարեւոր կը դատուէր միեւնոյն պատճառով:

2311. ՊԱՐՍԻԿՆԵՐ ԵՒ ՌՈՒՍՆԵՐ

Պարսից եւ Ռուսաց մէջ ալ շարունակուող պատերազմական գործողութիւնները էջմիածնայ մէջ շփոթ կացութիւն մը ստեղծած էին, առանց որոշ եզրակացութեան մը յանգելու, զի Ռուսեր դեռ նոր Երեւանը նուաճելու ետեւէ չէին, այլ կ՚աշխատէին Պարսիկները խոնարհեցնել` եւ անով հիւսիսային գաւառներու մէջ հաստատուիլ եւ ընդարձակուիլ, առանց վերջնական սահմանագլուխներ գծելու երկու տէրութեանց մէջ (ՏՊԷ. 378): Ֆէթհալի Շահն ալ իր կողմէն կը ջանար օգտուիլ այն բարեկամական կապերէն եւ օգնութեան խոստումներէն, զորս Նաբոլէոն կայսր իրեն կը հասցնէր իր դեսպաններուն ձեռքով, զորս իրարու ետեւէն Պարսկաստան կը յղէր, եւ որոց վերջինն էր Կարտան (Gardane) զօրավարը: Իսկ Անգղիացիք` բանակցութեանց օգուտը եւ գործոց ասպարէզը մինակ Գաղիացւոց չթողելու համար, սկսան խնդիրին խառնուիլ, եւ Ճօն Պրիճ (Jones Brydges) անգղիական դեսպան, սկսաւ Կարտանի առաջարկները խափանելու աշխատիլ (ՏՊԷ. 377): Այդ համառօտ ակնարկները բաւական ըլլան բացատրել այն ջանքերը, զորս ռուսական կառավարութիւնը կ՚ընէր Էջմիածնի մէջ այնպիսի մէկ մը ունենալու` որ իր շահերուն համակիր եւ աջակից ըլլայ 2310): Դանիէլի մահուընէ ամիս մը ետքը, 1808 նոյեմբերին մէջ Ռուսներ Արարատի դաշտէն քաշուեցան, բայց Դանիէլի մարմինը հազիւ չորս ամիս ետքը Էջմիածին փոխադրուեցաւ (ՊԷՐ. 66), 1809 փետրուարին, եւ ամփոփեցաւ առ հիման սեանն մեծի զանգակատան. ՚ի հարաւ կուսէ (ՇԱՀ. Ա. 234): Ռուսներուն մեկնելէն առաջ Պարսիկներ նորէն Արարատ եկած էին սեպտեմբերի սկիզբը ահագին բանակ կազմած, որ Միաբանութիւնը ահաբեկեց, այլ պարզ ցոյց մըն էր եղածը: Նախ երկրորդ արքայորդին Մահմատ-Ալի, յետոյ սեպտեմբեր 15-ին, Խաչվերացի չորեքշաբթին, գահաժառանգ Ապպաս-Միրզա վանք եկան բարեկամաբար, եւ պատուեցին եւ պատուուեցան: Ապպաս մինչեւ իսկ իր սուրը օրհնել տուաւ մայր տաճարին մէջ, յատուկ երգերով եւ թափօրով, եւ առատ խոստումներով դարձաւ Երեւան: Միւս օր 16-ին Ներսէս Աշտարակեցի պաշտօնապէս շնորհակալութեան գնաց, եւ նախնի թագաւորներէ տրուած հրովարտակներուն վերահաստատութիւնը ընդունեցաւ (ԵՐՑ. Ա. 53): Այդ առթիւ Դաւիթ ուզած էր կրկին անգամ Ներսէսը ամբաստանել արքայորդւոյն առջեւ 2299), բայց այս անգամ ալ յաջող ելք չունեցաւ եւ մերժուեցաւ, որով էջմիածնեցիք կրցան ըսել թէ կրակի եւ ջրի միջից կրկին անցանք անվտանգ (ԵՐՑ. Ա. 54): Իսկ վանական կառավարութիւնը հանդարտ ընթացք մը ունէր Բարսեղի տեղապահութեամբ, Բարսեղի եւ Սիմէոնի եւ Ներսէսի վերատեսչութեամբ, եւ Բարձրագոյն Խորհրդարանին գործակցութեամբ, որոնք թէպէտ տարբեր անուններ եւ տարբեր վարիչներ էին, սակայն միեւնոյն անձերէ կազմուած ըլլալով` բաղխումներու առիթ չտուին: Դաւիթ մերժուած եւ Դաւիթեանք ընկճուած` արգելքներ յարուցանելու ոյժ չունէին, եւ ամէնուն մտադրութիւնը սեւեռեալ կը մնար Եփրեմի ռուսական հովանաւորութեամբ զօրացած աթոռ հասնելուն եւ գործերու տիրանալուն:

2312. ԵՓՐԵՄ ՀՐԱՒԻՐՈՒԱԾ

Պատուիրակ Ռեթէոս եպիսկոպոս` 1809 փետրուարին Տփղիսէն մեկնելով, շիտակ կ՚երթար Աստրախան, ուր կը կարծէր Եփրեմը գտնել, բայց ջուրերու յորդութեան եւ երեսնօրեայ զգուշական արգելարանին պատճառով` հազիւ ապրիլի վերջերը այնտեղ հասնելով, պարապի եկած ըլլալը կ՚իմանար, զի Եփրեմ Նոր-Նախիջեւան կը գտնուէր: Նորէն ճամբայ ելլելով վերջապէս յունիս 12-ին, Լուսաւորչի նշխարաց գիւտին օրը, կը հասնէր նորընտիր հայրապետին մօտ (ԵՐՑ. Ա. 48): Արդէն ութը ամիսներ անցեր էին Դանիէլի մահէն, եւ այդ միջոցին ռուսական կառավարութիւնը իր հաւանութիւնը տուած էր Եփրեմի կաթողիկոսանալուն, Գուտովիչէ ստացած տեղեկութեանց վրայ հիմնուելով 2310), մինչեւ իսկ կայսերական հրաման ալ տրուած էր հրովարտակը պատրաստելու, եւ Եփրեմի հաղորդուած էին այդ կարգադրութիւնները: Էջմիածնի պատուիրակը, որ այդ յաջողութիւնները պատրաստելու պաշտօն ունէր, արդէն ամենայն ինչ լրացած կը գտնէր, եւ իրեն կը մնար միայն նորընտիրին ընկերակցելու պատիւը, զի Աղեքսանդր Կայսր փափաք յայտնած էր, որ Եփրեմ Էջմիածին չգացած իրեն ներկայանայ, միտք ունենալով զայն եւս քան զեւս փառաւորել եւ զօրացնել, եւ միանգամայն անոր միտքն ու սիրտը ռուսական քաղաքականութեան վրայ ամրապնդել: Ստացուած յաջողութեանց արժանիքը պէտք է վերագրել Յովակիմ Լազարեանց իշխանին աշխատութեանց եւ անդուլ ջանքերուն: Իսկ Եփրեմ, թէպէտ ամէն կողմանէ իր պաշտօնը ապահովուած, եւ պաշտօնապէս ինքզինքը կաթողիկոսացած կը տեսնէր, բայց Հայ Եկեղեցւոյ աւանդական կանոնին, եւ օծման պայմանին հնազանդելով, կը գոհանայ պարզապէս` Հաստատեալ ՚ի կաթողիկոսութիւն Ամենայն Հայոց վերտառութեամբ կամ ստորագրութեամբ տալ իր պաշտօնագիրերը (ԵՐՑ. Ա. 52): Ընտրեալ կաթողիկոսը, պատուիրակ եպիսկոպոսին եւ իր հետեւորդներուն հետ Նոր-Նախիջեւանէ մեկնեցաւ 1809 յունիս 23-ին, բայց կառքի արկածի պատճառով հազիւ յուլիս 14-ին հասաւ Մոսկուա, Վարդավառի երկրորդ չորեքշաբթին, եւ փառաւոր ընդունելութիւն գտաւ: Այնտեղ քանի մը օր մնաց, Լազարեանէ ստացած հրահանգին համեմատ, Ռեթէոսը առջեւէն ճամբայ հանեց յուլիս 19-ին դէպի Պետրբուրգ, քանի մը օրէն ինքն ալ ուղեւորեցաւ եւ օգոստոս 1-ին, Վարդավառի հինգերորդ կիւրակէին, հանդիսաւոր կերպով մտան ռուսաց մայրաքաղաքը, եւ հիւրընկալուեցան Լազարեանց ապարանքը: Անկէ ետքը կարգադրուեցան կայսերական ընդունելութեան պատրաստութիւնները եւ պայմանները, որոնք երեք շաբաթի չափ ուշացան, եւ այդ միջոցին Եփրեմ աշխատեցաւ ներքին գործերու կարգադրութեամբ, կարեւոր անձերու տեսակցութեամբ, եւ ռուսական պաշտպանութիւնը եւս քան զեւս ապահովելու ջանքերով:

2313. ԵՓՐԵՄ ԸՆԴՈՒՆՈՒԱԾ

Կայսերական ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ օգոստոս 20-ին, Վերափոխման ուրբաթ օրը: Եփրեմ ներկայացաւ իրեն հետ ունենալով Ռեթէոս եպիսկոպոսը, եւ Ղուկաս ու Մանուէլ վարդապետները, եւ Յովակիմ Լազարեան իշխանը, եւ քանի մը ուրիշ եկեղեցականներ: Կայսրը պահ մը առանձինն մնաց գլխաւոր եկեղեցականներու հետ, որու ատեն թարգմանի պաշտօնը վարեց Մանուէլ վարդապետ, իսկ բոլորին միասին տրուած ունկնդրութեան պահուն այդ պաշտօնը կատարեց Աղեքսանդր Խուտաբաշեան, պետական պաշտօնատանց թարգման: Ամէնքը հիացած եւ սքանչացած էին Կայսեր քաղցրաբան եւ քրիստոնէավայել վարմունքին վրայ, եւ մխիթարուած էին Կաթողիկոսական Աթոռին եւ Հայերու պաշտպանութեան համար Կայսեր խօսած լիաբերան խոստումներով: Սակայն որչափ Հայերը Կայսեր պաշտպանութեան` նոյնչափ ալ Կայսրը Հայերուն բարեկամութեան պէտք ունէր իր ապագայ դիտումներուն համար: Զանազան թանկագին ընծաներ եւ դրամական ու պաշտօնական առատ նուէրներ տրուեցան ամէնուն. իսկ Եփրեմ, որ իբր Ռուսաստանի առաջնորդ վեղարի խաչը եւ լանջաց պանակէն ստացած էր, Սուրբ Աննայի ասպետական կարգին առաջին աստիճանով պատուուեցաւ: Ուտելեաց պատուասիրութիւն ալ եղաւ արքունեաց մէջ, բայց օրուան պահքին պատճառով մրգեղինօք գոհացան հրաւիրեալները: Կայսեր փափաքին համեմատ Եփրեմ սեպտեմբեր 12-ի Խաչվերացի օրը հայրապետական պատարագ մատոյց Հայոց եկեղեցին, որուն Կայսրն ալ ներկայ եղաւ իր ընտանիքին ու պալատականներուն, նախարարներուն ու մետրապօլիտներուն հետ, ուսկից ետքը Լազարեան իշխան իր տան մէջ Կայսեր եւ բոլոր հետեւորդներուն ընդունելութիւն ըրաւ: Այդ հանդէսէն երեք օր ետքն էր, որ սեպտեմբեր 15-ին, Պարսից արքայորդին ալ Մայրաթոռին մէջ պատուասիրուեցաւ 2311), որով հայրապետական աթոռին յարաբերութիւնները` երկու կողմերուն հետ ալ հաշտ կերպարան մը կ՚առնէին: Եփրեմ ալ այդ նպատակին կը հետեւէր, եւ իր ազգակիցներէն Գրիգորիկ Վահրամեանը` Պետրբուրգէ ճամբայ կը հանէր, Պարսիկ արքայորդւոյն ընծաներ տանելու իր հասնելէն առաջ (ԵՐՑ. Ա. 52): Նորընտիր կաթողիկոսը երկու ամիս եւս Պետրբուրգ մնաց, մինչեւ որ կայսերական հրովարտակը ստորագրուեցաւ սեպտեմբեր 30-ին, եւ ուրիշ գործողութիւններ ալ լրացան: Հազիւ 1809 դեկտեմբեր 20-ին, երկուշաբթի օր կրցաւ Պետրբուրգ մեկնիլ: Աւագ տօները ճամբան անցուց, եւ 1810-ի Ծննդեան Տօնը Մոսկուայի մէջ կատարեց: Բայց ձմեռնային եղանակին սաստկութիւնը, իր վատառողջ անձ մը լինելը, եւ Ռուսաստանի քաղաքներուն այցելելով երկար տարիներ հովուած ժողովուրդին հրաժեշտի ողջոյնը տալու փափաքը երկարեցին Մոսկուայէ Կովկաս ուղեւորութիւնը, եւ հազիւ 1810 յուլիսի սկիզբները Տփղիս մտաւ: Յապաղելուն մէկ պատճառն ալ նոյն օրերը Ռուսաց եւ Պարսից յարաբերութիւններուն նորէն ցրտացած, եւ թշնամական երեւոյթներ ստացած ըլլալն էր: Այնպէս որ զօրավար Տօրմասով, Գուտովիչի յաջորդող կուսակալը, խորհուրդ տուաւ Տփղիսի մէջ սպասել մինչեւ որ Պարսից կողմէն վստահեցուցիչ լուրեր ստացուին: Այս միտքով պատուիրակութիւն ալ յղուեցաւ Երեւան Ապպաս-Միրզա արքայորդւոյն, եւ անոր կողմէն սիրով ընդունելութիւնը երաշխաւորուելէն ետքը, Եփրեմ Տփղիսէ մեկնեցաւ, եւ հոկտեմբեր 5-ին Խաչի չորրորդ չորեքշաբթին սահմանագլուխը անցաւ եւ Պարսիկ երկիրը կոխեց` Ապարան գաւառին կողմէն (ԵՐՑ. Ա. 54):

2314. ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԳՈՐԾԵՐ

Այստեղ կը ստիպուինք Էջմիածնի եւ Մայրաթոռի գործերուն պատմութիւնը ընդհատել, եւ քաղել ինչ որ ուրիշ աթոռներու մէջ գործուեցաւ, եւ զորս պահ մը աչքէ վրիպեցուցինք, կաթողիկոսական յաջորդութեանց թելը չխզելու համար: Յիշատակութեան արժանի առաջին դիպուածը 1806-ին Երուսաղէմի մէջ ծագած աղմուկն է, Սուլթան Սէլիմ Գ-ի օրով, երբ Անթիմոս` Երուսաղէմի Յոյն պատրիարքը` ուզեց բռնանալ Հայերու սեփականութեանց վրայ, զօրութեամբ այն հրովարտակներուն, որ մինչեւ այն օրը գաղտնի պահուած էին 2308): Թէոդորոս պատրիարք Կ. Պոլիսէ օգնութիւն խնդրեց, եւ Յովհաննէս պատրիարք Երուսաղէմէ պահանջեց իբրեւ փաստ ծառայելու պէտք եղած հին հրովարտակները: Պահ մը Թէոդորոս անձամբ Կ. Պոլիս գալու միտքը ունեցաւ, այլ միաբանները դէմ դրին, որպէսզի իրենց անգլուխ մնալովը` Յոյնք առաւել համարձակութիւն չստանան: Այդ առթիւ առաջին անգամ հրապարակ կ՚իջնէ Պօղոս Գրիգորեան վարդապետ, աւելի ծանօթ Ադրիանուպոլսեցի մականունովը, որ հրովարտակներու պատճէններով, Կ. Պոլիս յղուեցաւ Յակոբ եպիսկոպոսի օգնելու համար (ԱՍՏ. Բ. 159): Ներհակընդդէմ վէճերը երկարեցան, զի Յոյներ պաշտպանութիւն կը գտնէին շահուած պաշտօնեաներէն, իսկ Հայեր տկար կը մնային հրովարտակներու պատճէններ, եւ ոչ բնագիրներ ներկայացած ըլլալնուն: Երուսաղէմէ չէին կրնար բնագիրներ հասցնել, զի անոնց կարեւորները, եւ յատկապէս Էօմէրի դաշնագիրը, Եղիազար Այնթապցիի օրէն Կ. Պոլիս մնացած էին (ԱՍՏ. Բ. 161): Այդ մասին Յակոբի եւ Պօղոսի թախանձանքները ապարդիւն մնացին Կ. Պոլսոյ ազգային մեծամեծաց առջեւ: Կարապետ Ազնաւորեան եւ Գրիգոր Չարազլեան ամիրաներու ջանքերն ալ, որոնք իբրեւ հմուտք տաճկական դպրութեան կայսերական դիւաններու կը դիմէին, արդիւնք մը չարտադրեցին, եւ պաշարեցան Հայք ՚ի տրտմութիւն մեծ: Յակոբ եպիսկոպոս փոխանորդութենէ ձեռնթափ եղաւ, Պօղոս վարդապետ նուիրակութեան պաշտօնը շարունակելու համար Զմիւռնիա մեկնեցաւ. ամէնքը գրեթէ յուսաբեկ ստիպուած էին սպասել այցելութեան Տեառն (ԱՍՏ. Բ. 162): Եւ ահա կը սկսին 1807 մայիսի քաղաքական շփոթները 2308), Երուսաղէմի գործերը մոռացութեան կը տրուին, հին վիճակը կը շարունակէ, եւ Հայեր կը յաջողին ազգային ստացութիւնները իրենց ձեռքը պահել:

2315. Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀՐԴԵՀԸ

Խնդիրները նորէն կ՚արծարծուին, երբ շփոթներու վերջանալովը եւ Մահմուտ Բ-ի գահակալելովը ընդհանուր կացութիւնը քիչ մը կը հանդարտի: Անակնկալ պատահար մըն ալ առիթ կ՚ընծայէ այդ կրկնումին: Վարագայ Խաչի չորեքշաբթիին գիշերը, 1808 սեպտեմբեր 30-ին, երեք ազգերուն ալ գիշերային պաշտամունքը լրանալէն ետքը, արեւելեան ժամահաշուով գիշերուան 9-ին, որ է կէս գիշերէն երկուքուկէս ժամ ետքը, ել հուր եւ բորբոքեցաւ վերնատունն Հայոց ՚ի տաճարին Ս. Յարութեան: Մարելու ճիգեր ապարդիւն եղան, հրդեհը ճարակեցաւ տաճարին մէջ, պատեց Հայոց վերնատունը, փայտակերտ սենեակները, Յունաց եկեղեցին, Գողգոթայի մասը, եւ Գերեզմանին շրջապատը, որոնք հրկիզեցան իրենց զարդերով եւ ըսպասներով, հոյակապ շինութեան քարէ սիւներն ալ վնասուեցան, եւ Ս. Գերեզմանին վրայի կամարակապ գմբեթն մեծ անկաւ ահագին շառաչմամբ, եւ կործանեցան կամարք եւ շինուածք (ԱՍՏ. Բ. 168): Ամենէն շատ կորուստը Հայերն ունեցան, Յոյները քիչ պակաս, իսկ Լատիններ գրեթէ անվնաս մնացին: Անձերու կորուստին կողմէն կը յիշուի միայն` թէ Ս. Յարութեան տեսուչ Ադրիանուպոլսեցի Մելքոն վարդապետը գմբեթին փլատակին տակ մնացած է: Միւս օր կատարուած կառավարական քննութեանց մէջ, կրակին Հայոց վերնատունէն ելած ըլլալը ստուգուելով, որչափ ալ պատահական ըլլալը տաճիկ պահապաններու վկայութեամբ հաստատուեցաւ, բայց համարձակութիւն տուաւ Յոյներու եւ Լատիններու` Հայերը մեղադրելու, եւ Հայերը ստիպուեցան անձնական պաշտպանութեան ալ աշխատիլ: Յոյներ ամէն տեսակ ջանք թափեցին այդ առթիւ Հայերը բոլոր իրենց ստացեալ իրաւունքներէն զրկել, չներելով պաշտօններ կատարել, աւերակները մաքրել եւ մնացորդները հաւաքել, մանաւանդ թէ ջանալով Լատիններ եւ տեղացիներ շահիլ Հայոց աննպաստ վկայութիւններ տալու: Սակայն ոչ միշտ յաջողեցան, եւ Լատիններ արթուն գտնուեցան նախատեսել, որ զրկողութիւնը տարածուելով իրենց ալ կրնար հասնիլ, ուստի յայտնի պաշտպանութիւն ալ ըրին Հայոց, եւ հոկտեմբեր 25-ին Գիւտ Խաչի արարողութիւնը կատարել տուին, իրենց սեփական բաժնին մէջ (ՍԱՒ. 1027): Բայց պարագաներ Յոյներու նպաստեցին եւ վերաշինութեան կայսերական հրամանն ալ անոնց անունին տրուեցաւ, քանի որ Լատիններ նշանաւոր վնասներ ունեցած չէին: Յոյներ հետզհետէ ընդարձակելով ստացած համարձակութիւննին, ոչ միայն Ս. Յարութեան տաճարին մէջ Հայոց պատկանող ինչ ինչ մասերուն տիրացան (ԱՍՏ. Բ. 171), այլ եւ եպարքոսը շահելով, աղերս մատուցին Կայսեր որ Ս. Յակոբայ հայ մայրավանքն ալ իրենց յանձնուի, իբր թէ` Հայք ՚ի ձեռն կաշառուց գրաւեալ են զնա ժամանակին, եւ այնպէս մինչեւ ցարդ մնացեալ է ՚ի ձեռս Հայոց (ՊԷՐ. 60): Սուլթան Մահմուտ խոհեմութիւն ունեցաւ եւ իսկեւիսկ հրաման չըրաւ Յունաց աղերսագրին համեմատ գործադրել, ինչպէս կը թելադրէր մեծ եպարքոս Քէօր Եուսուֆ փաշա (ՊԷՐ. 59), կամ ճիշդ կոչմամբ Եուսուֆ Զիա փաշա (ԺՈՒ. 385), նոյն այն զոր Պաղեստինի պատերազմներու առթիւ յիշեցինք 2181): Հայեր որչափ եւ նկուն եւ ընկճուած, ջանքերնին չդադրեցուցին, հակառակ եպարքոսին Յոյներէ շահուած ըլլալուն, եւ կը սպասէին նպաստաւոր պարագաներէ օգտուիլ:

2316. ԱՌԱՋԻՆ ԱՂԵՐՍԱԳԻՐ

Այն օրէն որ 1807 փետրուար 8-ին, Յովնաննու ուրբաթ օրը, 11 մարտանաւերու անգղիական տորմիղ մը, Չանաքքալէի նեղուցը բռնազբօսելով, յանկարծ Կ. Պոլսոյ դիմաց երեւցած էր, երկու պետութեանց յարաբերութիւնները ձգտած կը մնային (ՊԷՐ. 56), մինչեւ որ 1809 յունուար 5-ի դաշնագիրով հաստատուեցաւ (ԺՈՒ. 385): Այդ լուծումը ռուսական քաղաքականութեան հաճելի չեղաւ, Եաշի բանակցութիւնները խզեց, թշնամութիւնները նորոգեց, եւ Իպրայիլի յաղթանակը տարաւ (ԺՈՒ. 385): Եուսուֆ եպարքոսը պատերազմի դաշտը մեկնեցաւ եւ տեղակալութիւնը ստանձնեց Շաքիր Ահմէտ փաշա, որ Հայերուն նպաստաւոր զգացումներ ունէր (ՊԷՐ. 60): Անոր խորհրդով եւ հաւանութեամբ որոշուեցաւ յատուկ դիմում ընել կայսեր, եւ զօրաւոր գրութիւն մը մատուցանել, յիշելով Հայերուն հնօրեայ իրաւունքները, անդստին Էօմէրի օրէն ունեցած սեփականութիւնները, Սէլիմի հրովարտակով տրուած հաստատութիւնը, եւ յաջորդներէն կրկնուած վաւերացումները: Աղերսագիրը մատուցանելու օր որոշուեցաւ 1809 ապրիլ 23-ին, Յինանց չորրորդ ուրբաթը, երբ սուլտանը ուրբաթի աղօթքին պիտի երթար Հէքիմ Օղլու Ալի-փաշա մզկիթը (ՊԷՐ. 60), Աքսէրայ թաղը (ԱՍՏ. Բ. 185): Եկեղեցականներու մեծ խումբ մը հաւաքուեցաւ թագաւորին անցած ճամբուն վրայ, Պօղոս Գարագոչեան եպիսկոպոս, Պրուսայու առաջնորդ, Կաղզուանցիի աշակերտութենէն, պատկառելի ծերունի մը, բնիկ Կեսարացի, յաջողակ եւ լեզուանի, որ աղերսագիրը ներկայացուցած ատեն բերանացի ալ աղաչողական եւ մաղթողական խօսքեր արտասանեց: Թագաւորը տպաւորուեցաւ եղած ցոյցէն, աղերսագիրին մէջ յառաջ բերուած կէտերն ալ նշանակալից երեւցան, ուստի պէտք տեսաւ գործը զգուշութեամբ ստուգել եւ հրամայեց ՚ի կախ թողուլ զկռիւ եւ զվէճ երկուց ազգաց (ՊԷՐ. 60): Բայց Յոյներ կանխած էին շինութեանց համար ստացած հրամաննին գործադրութեան դնել, եւ ճամբայ հանած էին Էլմասփաշազատէ Ապտիւրրահման պէյը, իբր պետական վերակացու, եւ Ղումպիանոս ճարտարապետը շինութեանց հսկող (ԱՍՏ. Բ. 171): Յատուկ նաւով մըն ալ ղրկած էին 150 արհեստաւորներ եւ բաւական շինուածանիւթեր: Վերակացուն եւ ճարտարապետը 1809 մայիս 5-ին Յոպպէ հասան եւ անկէ Երուսաղէմ ելան գործի սկսելու համար, առանց հրովարտակը հրատարակելու, որպէսզի մինակ Յոյներու անունին ըլլալը խնդիրի առարկայ չդառնայ: Հայեր եւ Լատիններ պնդեցին հրովարտակը տեսնալ, եւ Դամասկոսի կուսակալութենէն ներկայացուցիչ ունենալ, որ հազիւ կրցաւ հասնիլ յունիս 12-ին: Ասով ալ կացութիւնը չպարզուեցաւ: Յոյներ պաշտօնեաներ շահած էին, Հայեր ու Լատիններ ալ ժողովուրդէն շատերը շահեցան, որոնք կը պնդէին երեք քրիստոնեայ ազգերը միաբան եւ միասին տեսնել: Յոյները ստիպուեցան վերջապէս հրովարտակները հրատարակել, որոնցմով բոլոր տեղերը յունական սեփականութիւն կը հռչակուէին, նոր շինութիւններ անոնց կը յանձնուէին, միւս երկու ազգերուն մէն մի պատարագամատոյց սեղան միայն թողլով շնորհիւ Յունաց, բոլոր վանքերն ալ, նոյնիսկ Սուրբ Յակոբն ալ, Յոյներուն պիտի անցնէին (ԱՍՏ. Բ. 178): Յոյներ կրցան դրամի զօրութեամբ իրենց կողմն անցնել Հայոց պաշտպան տեղացիները, բայց Հայեր դատարանի առջեւ հանեցին իրենց հրովարտակները, եւ Լատիններն ալ գործը Կ. Պոլսոյ դատարանին փոխանցեցին, եւ այս կերպով կրցան չափաւորել տրուած հրամանները, որով կուսակալը Յոյներուն ներեց միայն իրենց մասերը շինել, եւ միւս ազգաց վանքերուն գրաւումը հրամայեց յետաձգել (ԱՍՏ. Բ. 178-181):

2317. ԵՐԿՐՈՐԴ ԱՂԵՐՍԱԳԻՐ

Հազիւ շփոթները սկսած, Կ. Պոլսոյ մէջ վախճանած էր` Երուսաղէմի փոխանորդ Յակոբ եպիսկոպոս, եւ իրեն օգնական Մարկոս եպիսկոպոսը գործին տիրանալու անբաւական սեպուելով` փոխանորդութեան կոչուած էր Ադրիանուպոլսեցի Պօղոս վարդապետը, որ Զմիւռնիայէ հասնելով ձեռք առաւ իրաւանց պաշտպանութեան գործը: Թէոդորոս պատրիարք մայրաքաղաքի մէջ կատարուելիք դիմումները զօրացնելու համար, յատկապէս հոն յղեց Պաղտասար լուսարարապետ եպիսկոպոսը, Մատթէոս լուսահան վարդապետը, եւ Դիոնեսիոս քարտուղար վարդապետը (ԱՍՏ. Բ. 176): Յոյներուն կողմէ շինութեանց համար Երուսաղէմ անձեր եւ իրեր ղրկուած ըլլալը, եւ Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն լուրերը ստիպեցին գործը Ազգային ժողովի առջեւ հանել, զոր Յովհաննէս պատրիարք գումարեց Մայր-Եկեղեցւոյ մէջ, Վարդավառի բարեկենդանին նախընթաց շաբաթ օրը, որ կ՚իյնար 1809 յունիս 26-ին, եւ ուր հրաւիրեց եւ բերաւ կաթոլիկութեան յարած իշխանաւորներն ալ, ինչպէս էին Յովհաննէս Տիւզեան, Մինաս Թընկըրեան, եւ Անտոն Գըլճեան: Պատրիարքը ազդու բանախօսութեամբ ունկնդիրները բորբոքեց, եւ ամէնքը խոստացան ազգին սաղիմական իրաւունքները պաշտպանելու համար ամէն ջանք թափել եւ ամէն զոհողութիւն ընել (ՊԷՐ. 61): Նոյնտեղ որոշուեցաւ կրկին անգամ կայսեր դիմել եկեղեցականաց աւելի խուռն բազմութեամբ, որ հինգ հարիւրի հասած կ՚ըսուի (ԱՍՏ. Բ. 182): Աղերսագիրը մատուցուեցաւ յուլիս 23-ին, Վարդավառի երրորդ ուրբաթ օրը, Իւսկիւտարի մէջ, թագաւորին Մահմուտիյէ մզկիթը աղօթքի երթալու ատեն (ՊԷՐ. 61): Պօղոս Գարագոչեան եւ Աստուածատուր Կոստանդնուպոլսեցի եպիսկոպոսներ, Պօղոս Գրիգորեան եւ Վարդան Մշեցի վարդապետներ, բազկատարած եւ բացաւ գլխով աղերսագիրը մատուցին, եւ Սուլտան Մահմուտ, շարժեալ ՚ի գութ եւ ՚ի սէր ազգիս Հայոց, յիշեց խնդիրը լաւ քննելու պէտքը զգացած ըլլալը, եւ կրկին հրաման ըրաւ որ շէյխիւլիսլամ կամ դենպետ Տիւրրիզատէ Ապտուլլահ էֆէնտիի գլխաւորութեամբ յատուկ ատեան մը կազմուի, եւ գործը ամէն կողմերով քննուի: Ժողովին ատենակալներ կարգուեցան եպարքոսութեան բարձրագոյն պաշտօնեաներէն Վահիտ եւ Ազիզ եւ Եուսուֆ Ակեահ էֆէնտիներ, եւ դենպետութեան դուռնէն Էմին, Թահիր եւ Ղասսէմ էֆէնտիներ (ՍԱՒ. 1035), որոնց առջեւ հրաւիրուեցան Յունաց եւ Հայոց պատրիարքարանի ներկայացուցիչները, իրենց փաստերը առաջարկելու, եւ փոխադարձ առարկութիւնները լուծելու (ՊԷՐ. 61): Ժողովը չգումարուած Վահիտ էֆէնտի, որ եպարքոսարանի րէիս էր, այսինքն է արտաքին գործերու յատկացեալ պաշտօնեայ, Յոյներու կողմէ շահուած ըլլալով, առանձինն կոչեց Գարակոչեանն եւ Գրիգորեանը, եւ ջանաց սպառնալեօք, ահացուցանել, որ Հայերը ետ քաշուին, բայց երկու Պօղոսներ համարձակ պաշտպանեցին ազգին իրաւունքը, եւ մինչեւ ՚ի բանտ եւ ՚ի մահ պաշտպանելիք ըլլալնին յայտարարեցին (ԱՍՏ. Բ. 183): Այդ դարձուածներն ալ Տիւզեանի ձեռքով (ՊԷՐ. 61) հաղորդուեցան կայսեր, որ կրկին եւ կրկին հրամաններ տուաւ ժողովը փութացնելու:

2318. ՅԱՏՈՒԿ ԱՏԵԱՆ

Հինգ գումարումներ ունեցաւ առաջին նիստը, օգոստոս 2 երկուշաբթի, 5 հինգշաբթի, 9 երկուշաբթի, 12 հինգշաբթի եւ 16 երկուշաբթի օրերը: Հայոց կողմէն ներկայացան Երուսաղէմի Պօղոս եւ Դիոնեսիոս վարդապետները, եւ իշխանաւորներէն Կարապետ Ազնաւորեան, Յովհաննէս Երկանեան, Գրիգոր Չարազլեան, Առաքել Տատեան, Անտոն Գըլճեան, եւ Մինաս Թնկըրեան (ՍԱՒ. 1036), թէպէտ ուրիշներ մէկ երկու անունները տարբեր կը յիշեն (ՊԷՐ. 62. ԱՍՏ. Բ. 183): Յոյներուն կողմէն եկած էին, Թեսաղոնիկէի Գերասիմոս եւ Իկոնիոնի Կիւրղոս մետրապօլիտները, Երուսաղէմի միաբաններէն Մեսրոփանոս եւ Պրոկոպիոս վարդապետները, եւ իշխանաւորներէն Լամբիկ եւ Եօրկի (ՍԱՒ. 1036), թէպէտ ուրիշներ 4 եկեղեցականներ եւ 8 իշխանաւորներ կը յիշատակեն (ՊԷՐ. 62): Յովհաննէս պատրիարք ամէն անգամ անձամբ հաւաքեց եւ հրահանգեց պատուիրակները, բայց ժողովներուն չմասնակցեցաւ (ԱՍՏ. Բ. 184): Ժողովին ատենագրութիւնները ընդարձակօրէն յառաջ բերուած կը գտնենք (ՍԱՒ. 1036-1063, եւ ԱՍՏ. Բ. 192-194), այլ մեզ բաւական ըլլայ գիտնալ թէ ներհակընդդէմ փաստաբանութեանց հիմերը կը կազմէին հնագոյն հրովարտակները: Յոյները այդ հրովարտակներուն բնագիրները կը ներկայացնէին, որոնք թէպէտ պետական դիւանի արձանագրութեանց մէջ ալ կը գտնուէին, բայց բառերու տարբերութիւններ կը նշմարուէին, եւ կասկած կը յարուցանէին Յոյներու խարդախութեան մասին, զի որչափ ալ բնագիրներ էին ներկայացուածները, բայց մէջը ձեռք խաղցած կ՚երեւար: Յառաջ կը բերուէին երկու կողմէն ալ պատրաստուած յատակագիծները, սեփականութեանց բաժինները ճշդելու եւ տեղերը տարորոշելու համար: Յոյներ հնագոյն ժամանակներու շինծու պատմութիւններ ճշդելու եւ տեղերը տարորոշելու համար: Յոյներ հնագոյն ժամանակներու շինծու պատմութիւններ եւ կեղծ վարձակալութիւններ ալ կը յիշէին, բայց այս մանրամասնութեանց հանդէպ Հայերուն կողմը զօրաւոր կ՚ելլէր: Ուր որ Հայեր տկարացան, հրովարտակները պատճէնի վրայ եւ ոչ բնագիրով ներկայացնելնին էր, եւ այդ մասին ժողովը իր պահանջը կը խստացնէր: Պատրիարք եւ ազգայինք, որ իւրաքանչիւր նիստէ ետքը կը հաւաքուէին եղելութիւնները լսելու եւ ըլլուելիքները կարգադրելու, երրորդ գումարումէն ետքը, օգոստոս 10-ին, թախանձողական նամակ մը ուղղեցին Թէոդորոս պատրիարքին, թէ բնագիրներուն չղրկուելովը կրնար գործը վտանգուիլ, եւ վճռական որոշումէն ետքը անոնք իրենց արժէքը կը կորսնցնեն: Նամակին ստորագրած էին պատրիարքը, Պօղոս եւ Աստուածատուր եպիսկոպոսները, վերեւ յիշուած մեծամեծներէն զատ նաեւ Յովհաննէս Տիւզեան, Մկրտիչ Արփիարեան, Յակոբ Լաթիֆեան, Անտոն Տավուտեան, Յարութիւն Նորատունկեան, Մանուկ Ալլահվէրտեան, եւ ուրիշներ, ընդ ամէնն 14 իշխանաւորներ (ՍԱՒ. 1046): Օգոստոս 16-ի վերջին նիստին մէջ քննիչ ժողովը իր խորհրդածութիւնները ամփոփեց, եւ ինչչափ ալ Հայերուն բացարձակ իրաւունք չտուաւ, փաստերու պակասութեան պատճառով, այլ զիրենք իրենց ստացութեանց մէջ պահեց, մինչեւ բնագիրներու ներկայացուիլը: Իսկ նոր շինութեանց իրաւունքը Յոյներուն վրայ մնաց, սակայն նորանոր վէճեր արգիլուեցան, եւ ժողովին որոշումը հրամանագիրի վերածուելով պաշտօնապէս հրատարակուեցաւ, եւ երկու կողմերուն ալ պատճէններ հաղորդուեցան (ԱՍՏ. Բ. 191): Իրաւ Հայեր չկրցան կատարեալ իրաւունք ստանալ, բայց բացարձակ կորուստի ալ չենթարկուեցան եւ յուսալից մնացին բնագիրներուն հասնելուն իրաւանց եւ սեփականութեանց տէր դառնալ:

2319. ԱՐՔՈՒՆԻ ՀՐՈՎԱՐՏԱԿՆԵՐ

Օգոստոս 10-ին նամակը Երուսաղէմ տանելու որոշուեցան Կարապետ վարդապետ Իւսկիւտարի Երուսաղէմատան տեսուչ եւ Կարապետ Քիւբէլի, որոնք հազիւ սեպտեմբեր 7-ին Երուսաղէմ հասան: Նամակը միաբանութեամբ կարդացուեցաւ, եւ պատրիարք ու միաբաններ համոզուեցան թէ պէտք է հրաժարին բնագիրները վանքէ չհանելու սովորութենէն: Ինը հրովարտակներ հաւաքեցին, առաջինը Սէլիմ Եավուզ, երկրորդը Սիւլէյման Քանունի կայսրներէն, միւսներն ալ յաջորդներէն, իբրեւ ՚ի միոյ աղբերէ բղխեալ վաւերագիրներ, որոնց վրայ աւելցուցին նոր վճռագիր մը, Երուսաղէմի դատաւորէն առնուած (ՍԱՒ. 1048): Աթոռին կողմէ Սահակ աբեղան ալ ընկեր տուին Կ. Պոլսէ եկած թղթաբերներուն, եւ երկու օրէն սեպտեմբեր 9-ին ճամբայ հանեցին (ԱՍՏ. Բ: 190): Մինչեւ որ գործեր կրկին քննութեամբ վճռական եւ վերջնական կացութիւն մը ստանային, բաւական նեղութիւններ ունեցան Հայեր Երուսաղէմի մէջ, Յոյներու ստացած համարձակութեան, եւ վերջին ժողովով տրուած հրամանագիրին պատճառով, որ Երուսաղէմի մէջ հրատարակուեցաւ 1810 յունուար 12-ին (ԱՍՏ. Բ. 197): Յոյներ աղիկամի փոփոխութիւններ կը մտցնէին տաճարին եւ Գերեզմանին եւ ուրիշ բաժիններու մէջ, վերաշինութեան իրաւունքէն օգտուելով: Հայեր չէին կրնար պաշտօնապէս ընդդիմանալ, միջոցներու պակասութիւնն ալ ունէին անպաշտօն յաջողութիւններու համար. իսկ Կ. Պոլիսէ ապագայի յուսադրութիւններ միայն կ՚ընդունէին, եւ աղօթքի ապաւինելու յորդորներ (ԱՍՏ. Բ. 193): Երուսաղէմէ մեկնող հրովարտակներու թղթաբերներ 52 օրէն Կ. Պոլիս հասան, որ է ըսել 1809 նոյեմբերի առջի օրը: Բնագիր եւ զարդագիր հրովարտակներու տեսքը ուրախութիւն եւ քաջալերութիւն ազդեց ամէնուն: Նախ անոնց վաւերական պատճէնները պատրաստուեցան, պետական դիւանատան ձեռքով եւ կնքով, եւ ցրուեցան պալատ, եպարքոսարան, դենպետարան, եւ ամէն կարեւոր պաշտօնատուներ, եւ խորունկ տպաւորութիւն գործեցին: Հրովարտակներուն պատճէնները արքունի դիւաններու մէջ գտնելու եւ բաղդատելու պաշտօնը յանձնուեցաւ Սատըղ էֆէնտի անուն երեւելի պաշտօնակալի մը, 40 քարտուղարներու գործակցութեամբ: Երկարատեւ աշխատութեանց պէտք եղաւ մինչեւ որ Եավուղ Սէլիմի հրովարտակը գտնուեցաւ Տէֆթէրխանէի դիւանէն, ուր կային Երուսաղէմի առման ժամանակին վաւերագիրները: Առաջին Մահմուտինը Աթմէյտանի դիւանէն, ուրիշներն ալ զանազան տեղերէն, եւ ասոնց ամէնուն տեղեկագիրը կայսեր հաղորդուեցաւ 1810 յունուարի վերջերը: Քսան օր մըն ալ պալատին մէջ մնացին ու նայուեցան, եւ մարտ 14-ին եպարքոսին ղրկուեցան, վերստին առաջին ժողովը գումարելու եւ վճռական որոշման յանգելու հրամանով (ԱՍՏ. Բ. 202):

2320. ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ՎՃԻՌ

Համաձայն կայսերական հրամանին առաջին բարձրագոյն ատեանին անդամները, քանի մը փոփոխութեամբ նոր նիստ բացին պետական դրան մէջ 1819 ապրիլ 7-ին, Մեծ պահոց վեցերորդ հինգշաբթին եւ Աւետման տօնին օրը, ուր երկու կողմանց ներկայացուցիչներ իրենց յայտարարութիւններն ըրին: Այս անգամ հայ եկեղեցականներ էին, Աբրահամ, եւ Պօղոս եւ Մարտիրոս եպիսկոպոսներ, Կ. Պոլսոյ փոխանորդ Կիրակոս, եւ Երուսաղէմի միաբան Պօղոս եւ Դիոնեսիոս վարդապետներ: Երկրորդ գումարումը տեղի ունեցաւ ապրիլ 11-ին, Աւագ երկուշաբթի օր, որուն առաջինէն աւելի բազմանդամ եւ հանդիսական կերպով ներկայացան երկու կողմերը: Յոյներ կը ներկայացնէին Մէհէմմէտի բենչէ կամ ինքնագիր մը` որուն մէջ Երուսաղէմի խօսք չկար, Էօմէրի գրութիւն մը դաշնագիր անուանելով, այլ ժողովն այդ կոչումը մերժեց, եւ գրուածն ալ առաջին գումարմանց մէջ կեղծ դատուեցաւ: Ներկայացուցին եւս Մահմուտ Ա-ի հրովարտակ մը, որ իրենց դէմ դարձաւ, զի յայտնապէս ըսած էր վերջը, թէ երեք ազգք` սեփական տեղեաց իւրեանց, որպէս յառաջն, նոյնպէս եւ այժմ եւ առ յապայն տիրեսցեն (ԱՍՏ. Բ. 204): Հայերն ալ իրենց հրովարտակները ներկայացուցին, որոնց վաւերականութիւնը պատշաճ բաղդատութիւններով ստուգուեցաւ, եւ Յոյներն ալ չկրցան ուրանալ, եւ այսպէս Հայոց իրաւունքներն ու սեփականութիւնները հաստատուեցան: Երրորդ նիստին մէջ, ապրիլ 14-ին Աւագ հինգշաբթի օր, նայուեցաւ եամագ կամ հետեւակ ազգաց խնդիրը, որոնք են Հապէշք եւ Ղըփտիք եւ Ասորիք, եւ Հայերու իրաւունքը ճանչցուեցաւ: Ատեանը փակուեցաւ, ատենակալներ բացարձակ կերպով Հայոց սեփականութիւններն ու իրաւունքները հաստատեցին, եւ երկու օրէն, այսինքն ապրիլ 16-ին Աւագ շաբաթ օրը, տեղեկագիրը կայսեր ներկայեցին, վաւերացումը ստանալու համար (ԱՍՏ. Բ. 205): Ամիս մը յետաձգեց կայսրը վճիռը, եւ միայն մայիս 19-ին, Յինանց հինգերորդ հինգշաբթին, երկու կողմերը հրաւիրուեցան զայն լսել: Կայսերական հրամանն էր, Սէլիմի հրովարտակը հիմ բռնել, որ Երուսաղէմի օսմանեան տիրապետողն էր եղած 1534): Եթէ այն հրովարտակը անվաւեր նկատուի ալ, ինքն իր կողմէն Սէլիմեան հրովարտակին պարունակութեան համեմատ կը հրամայէ, երկու ազգերուն տիրել տեղեաց իւրեանց: Հետեւակ ազգերուն կը թողու հետեւիլ ում եւ կամիցին: Նոր շինութիւնները Յոյներուն կը յանձնէ, բայց ոչ որպէս իւրեանց իրաւունքով, այլ իբրեւ գործադիր հրամանի կայսեր: Հայեր առաջարկեցին, թէ քանի որ բարձրագոյն հրովարտակը ըստ ամենայնի ըստ առաջնոյն վերաշինել կը հրամայէ, մինչ Յոյներ փոփոխութիւններ մուծած են, պէտք է որ առաջին ձեւերն ու դիրքերը մանրամասն կերպով յիշուին: Ատենակալները իրաւացի դատեցին Հայոց պահանջը, եւ ըստ այնմ Հայեր ետուն հաւանութիւն, եւ Յոյներ զիջան ասել ա'յո. ատենագրութիւն ալ կազմուեցաւ որ մայիս 29-ին, երկրորդ Ծաղկազարդի կիրակին, կայսեր յղուեցաւ, որպէսզի ըստ այնմ հրովարտակի պատրաստութիւնը հրամայուի Պէյլիկճի կոչուած հրովարտակաց դիւանին: Բայց տակաւին շատ ատեններ անցան, մինչեւ որ գործին վերջնական եւ պաշտօնական վիճակ մը տրուէր, ուստի այստեղ ընդհատելով Երուսաղէմի խնդիրին պատմութիւնը, կ՚անցնինք ուրիշ ժամանակակից դէպքերու:

2321. ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՓՈՐՁԵՐ

Երուսաղէմի խնդիրը իր համազգային կարեւորութեամբը իրարու մօտեցուցած էր բոլոր հայ մեծամեծները, թէ բուռն հայադաւանները եւ թէ հռոմէադաւանութեան միտեալները 2317): Երկու կողմերուն իրարու հանդէպ տածած հակակրութիւնը մեղմացած էր, եւ հակառակութեանց յիշատակները ջնջելու փափաքներ արթընցած էին: Յովհաննէս պատրիարքի զգացումները մեծ դեր ունէին այդ շարժումին մէջ: Ասոր օրով դադարած էին կաթոլիկամիտներու հանդէպ գործածուած բուռն միջոցները, եւ նա կրցեր էր անոնց գլխաւորներն ալ շահիլ, ինչպէս յայտնուեցաւ Երուսաղէմի խնդիրին ընծայուած գործակցութեամբը (ՊԷՐ. 66): Կաթոլիկութեան յարողներու մէջ ալ աւելի ասպարէզ գտած էր Վենետիկի Մխիթարեանց պաշտպանած ուղղութիւնը, այսինքն կաթոլիկութեան պահանջները չափաւորել, եւ ազգային պահանջները կաթոլիկութեան վրայ պատուաստել 2153): Երկու կողմերու միտումներն ալ քիչ-քիչ իրարու մօտեցած էին, այնչափ որ պահ մը յուսացին փոխադարձ համաձայնութեամբ միջին կէտի մը վրայ միաբանիլ, եւ հայ հասարակութեան մէջէն խնդիրն ու գժտութիւնը արմատաքի վերցնել: Այդ միտումներ հարկաւ մասնաւոր տեսութիւններու եւ բանակցութիւններու առիթ տուին, եւ գործը քիչ-քիչ նախապատրաստուեցաւ Երուսաղէմի համար կազմուած գումարումներու եւ խորհրդակցութիւններու մէջ: Վերջապէս միաբանութեան խնդիրը սեղանի վրայ դրուեցաւ անմիջապէս որ 1810 մայիս 19-ին, Երուսաղէմի խնդիրին հայոց նպաստաւոր լուծում ստացած ըլլալը լսուեցաւ 2320): Իսկ պատրիարքարանի մէջ գումարած պաշտօնական ժողովներուն սկիզբը նշանակուած է 1810 յուլիս 3-ին (ՊԷՐ. 449) Լուսաւորչի կիրակէին խորհրդաւոր օրը: Որոշակի յիշուած չէ թէ որո'նք եղան կաթոլիկամիտներու մէջէն գործին առաջնորդողները, բայց անշուշտ Տիւզեան, Թնկըրեան, եւ Գըլճեան ամիրաները, որոնք Երուսաղէմի խնդիրին մէջ գործօն դեր ստացած էին, հարկաւ այս անգամ ալ առաջիններ եղան պատրիարքարանի մօտենալու: Եկեղեցականներ ալ պէտք է գտնուէին, եւ բնական էր որ Վենետիկի Մխիթարեաններ առաջին կարգին մէջ գտնուէին, զի հայր Միքայէլ Չամչեան Կ. Պոլիս կը գտնուէր 2164), եւ իրեն համամիտներն ալ ունէր: Այս տեսութիւնները մերձեցումներով կը կազմենք, զի որոշակի յիշատակագիրներ չունինք առջեւնիս: Հռոմէականք հինգ կէտերու վրայ ամփոփեցին իրենց պահանջները, որպէսզի անպայման պատրիարքարանին հնազանդին եւ հայադաւան եկեղեցիէն չզատուին, եւ մնացեալ կէտերուն մէջ անփոփոխ հայ եկեղեցւոյ կանոններուն եւ օրէնքներուն հետեւին: Այս հինգ կէտերն ալ գիրի առնելով ետուն իշխանաց մերոց, որով կը տեսնուի թէ աշխարհականներն են առջեւ նետուողները, իսկ եկեղեցականներ վարագոյրի ետեւ կը մնան, եւ ասով կը հետեւի թէ պաշտօնական դիրք չունեցող եկեղեցականներն էին գործը մշակողները: Յիշեալ հինգ կէտերն էին` 1 երկու բնութիւն, երկու կամք, եւ երկու ներգործութիւն բանաձեւը. 2. Հոգւոյն Սրբոյ համար եւ յՈրդւոյ բղխման յաւելուածը: 3. առանձնական դատաստանն ու քաւարանը. 4 Պետրոսի վրայ հիմնուած պապութեան գրութիւնը: 5. վերջին օծում խորհուրդը (ՊԷՐ. 67):

2322. ԱՆՅԱՋՈՂ ՎԱԽՃԱՆ

Որչափ ալ այդ հինգ կէտերուն ընդունելութիւնը, հայ եկեղեցւոյ դաւանութեան մէջ հիմնական փոփոխութիւն յառաջ կը բերէր, սակայն Յովհաննէս պատրիարք գործը խանգարող չերեւնալու, եւ մօտեցող կաթոլիկամիտներուն զգացումները չպաղեցնելու համար, յանձն առաւ հինգ կէտերը կարող անձանց քննութեան եւ դիտողութեան ենթարկել եւ այնպէս պատշաճը պատասխանել: Միանգամայն ուզեց անձամբ քննութեանց մասնակցիլ եւ Քննիչ ժողովին նախագահել: Ժողովականներուն թիւը 18 կ՚ըսուի, որոնք եղան, պատրիարքէն զատ, 5 եպիսկոպոս, 4 վարդապետ, 5 վարժապետ եւ 3 իշխան: Եպիսկոպոսներն էին, Աբրահամ Գօլեան նուիրակ, եւ Մարտիրոս Զմիւռնիոյ, Պօղոս Պրուսայի, Երեմիա Եւդոկիոյ եւ Վարդան Մշոյ առաջնորդներ. վարդապետներն էին, Պօղոս Ադրիանուպոլսեցին, ու Ստեփան Զմիւռնացին, եւս եւ Ստեփան Աղաւնի ու Պետրոս Ծերունեան` Գարագոչեանի աշակերտներ: Վարժապետներն էին, Մեսրոպ աւագերէց, Գէորգ Պալաթցի, Գրիգոր Փէշտիմալճեան, Խաչատուր եւ Յարութիւն: Իսկ իշխաններուն մէջէն ժողովին մասնակցեցան, Առաքել Տատեան, Գրիգոր Չարազլեան եւ Գրիգոր Սաքայեան, որոնք իբր գիտնական եւ գործին մղում տուող կը նկատուէին: Ասոնք հնգիցս ժողով արարեալ ի տաճարի մայր եկեղեցւոյն, հինգ կէտերը քննութեան կ՚առնեն (ՊԷՐ. 68): Ոչ կրնան ընդունիլ, եւ ոչ ալ մերժելով յոյսերը ջնջել կ՚ուզեն. ուստի պատշաճ մեկնութիւններով կ՚աշխատին գործին մէջէն ելլել, եւ բանակցութեանց շարունակութեան բաց դուռ թողուլ: Բնութեան միութիւնը կը վերածեն Կիւրեղեան բանաձեւին, եւ բաւական կը սեպեն յայտնել թէ հայ եկեղեցին Եւտիքէսի գրութիւնը կը մերժէ: Հոգւոյն Սրբոյ բղխման մասին կը բաւականանան ի նոցունց էութենէ ըսել, զի յՈրդւոյ բացատրութիւնը աւետարանական չէ: Ննջեցելոց կացութեան համար կ՚ընդունին թէ արդարք ի փառս են յուսովն. եւ մեղաւորք ի դատապարտութեան յուսահատութեամբն: Պապութեան գրութիւնը Աւետարանէ օտար եւ երեք ժողովներուն կանոններէն դուրս կը գտնեն: Վերջին օծումի համար աղօթս առնել սովորութեամբ ընդունուած իսկ իւղը հարկաւոր չեն գտներ: Իւրաքանչիւր կէտին բացատրութեան համար ալ վկայութիւններ յառաջ կը բերեն Սուրբ Գիրքէն, Լուսաւորիչէն, Շնորհալիէն եւ ուրիշ հայրերէն, եւ պատասխաննին գիրի կ՚առնեն: Ասիկա պարզապէս հինգ կէտերուն մերժումն էր, մինչ հռոմէականք իրենց առաջարկներուն քննութեան ենթարկուելէն քաջալերուած, երկու նոր կէտեր ալ կ՚առաջարկեն, Որոտնեցին եւ Տաթեւացիները պատարագի մէջ չյիշել, եւ Լեւոնի ու տոմարին նզովքը ձեռնադրութեան Մաշտոցէն վերցնել: Թերեւս այդ վերջին կէտերը աւելի դիւրաւ ընդունուէին, եթէ եկեղեցականներէ ոմանք բուռն ընդդիմութիւն չցուցնէին, եւ նոյնիսկ աշխարհականներէն ալ ոմանք` վերջին կէտերուն աւելի կարեւորութիւն չտային: Հռոմէականներն ալ գոհ չէին առաջին հինգ կէտերուն մասին տրուած, իբր թէ մեկնողական, բայց իսկապէս մերժողական պատասխաններէն, եւ այսպէս երկու կողմերէն ալ գոհունակութեան իղձ մը եւ համաձայնութեան կէտ մը չգտնուելովը, փորձը մնաց ապարդիւն, իր ետեւէն թողլով միայն միտումներու քաղցրացում մը եւ յարաբերութեանց մերձեցում մը, գլխաւորապէս աշխարհական դասակարգին մէջ:

2323. ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆ

Եթէ այդ միաբանական փորձերուն իսկութիւնը քննենք, մասնակցողներուն բարի դիտումները չնուազեցնելով ալ, համարձակ պիտի ըսենք, թէ խնդիրը, ինչպէս որ կ՚առաջարկուէր, ըստինքեան ապարդիւնութեան մատնուած փորձ մըն էր: Եթէ հռոմէադաւան եկեղեցականներ եւ հռոմէականութեան միտեալ իշխաններ, հաստատուն էին հռոմէական տեսութիւններու հաւատարիմ մնալ, չէին կրնար սպասել որ Հայ եկեղեցին իր ինքնութիւնը ուրանալու զիջանի: Իսկ եթէ կը կարծէին Հռոմէական եկեղեցւոյ կողմէ զիջողութիւններ ստանալ, պէտք է ըսել թէ պապական կազմակերպութեան եւ վատիկանեան քաղաքականութեան բոլորովին անգիտակ էին: Գալով հայադաւաններուն, եթէ ընդունինք ալ որ Հայ եկեղեցին իր ներողամիտ սկզբունքներուն հետեւողութեամբ եւ իր կացութեան պահանջներուն ստիպմամբ, զիջողութեանց համակերպելու պիտի միտի, միթէ Կ. Պոլսոյ պատրիարքութիւնը կրնա՞ր ընդհանուր Հայ եկեղեցւոյ վրայ ազդեցութիւն գործածել, եւ իր կազմակերպելիք ձեւին եւ գրութեան հպատակեցնել Մայրաթոռն ու Երուսաղէմը, Կիլիկիան ու Աղթամարը: Ո՞չ ապաքէն այս աթոռներ ոչ մայրաքաղաքի քաշկռտուքներուն մթնոլորտին մէջ կ՚ապրէին, եւ ոչ անկէ առաջ եկած պահանջները կը զգային: Միւս կողմէն` ենթադրել իսկ հնար չէ, որ լոկ Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան համար բարեփոխեալ եւ ուրոյն հայ եկեղեցի մը կազմելու միտքը յղացուած ըլլայ: Եթէ երկու կողմերն ալ իրենց եկեղեցիներուն ամբողջութեան վրայ ազդել չէին կրնար, ուրեմն հիմնապէս անհնար եւ սկիզբէն ապարդիւն գործի մը կը ձեռնարկէին, եւ մեռած-ծնած արդիւնք մը պիտի ունենային անկասկած: Իսկ եթէ եղածը պարզապէս Կ. Պոլսոյ եւ շրջակայից մէջ գտնուող կաթոլիկամէտ տարրին անձնասիրութիւնը գգուելով, եւ կերպով ու չափով մը անոնց պատուազգածութիւնը գոհացնելով, մայրենի եկեղեցւոյս ու հայրենի պատրիարքարանին հետ հաշտուելու, եւ ըմբոստ ընթացքէն հրաժարելու դիւրութիւն պիտի ընծայուէր, այս ալ թերեւս արդարանար ամիրայական կամ աշխարհական տարրին մէջ, այլ ոչ եկեղեցականներուն համար, որոնք մասամբ Տաճկաստանէ դուրս հռոմէադաւան երկիրներ ապաստանած էին, եւ մասամբ ալ Տաճկաստանի մէջ լատին կամ լատինացեալ հոգեւոր պետերու ձեռքին տակ էին, եւ հռոմէական պահանջներու ըստ ամենայնի գլուխ ծռել պարտաւոր էին:

2324. ԱՐՄԱՇԻ ՎԱՆՔԸ

Բայց որովհետեւ առանց որոշեալ դրդումի լուրջ ձեռնարկ մը չ՚ըլլար, եւ որովհետեւ Յովհաննէս պատրիարք եւ իրեն շուրջը գտնուող եկեղեցականներն ու իշխանաւորները լրջութենէ անմասն չենք կրնար ըսել, եղած փորձը արդարացնելու համար ուրիշ մեկնութիւն չենք կրնար տալ բայց եթէ յարգանք կամ ակնածանք մը այն փոքր ի շատէ զարգացման եւ ուսման, որ կը տեսնուէր Եւրոպիոյ հետ շփման մտնող եկեղեցականներու, եւ անոնց ձեռքով դաստիարակուած աշխարհականներու վրայ: Իրօք ալ ամէն հայ անյագ տենչանօք կը փափաքէր զայն իր մէջը փոխադրել, առանց սակայն պարտաւոր ըլլալու ենթարկուիլ այն եկեղեցուրաց պայմաններուն, որոնց ներքեւ կամայ ակամայ մտած էին անոնք, որ Եւրոպիոյ հետ շփմամբ` մտաւորական օգուտին ետեւէն կ՚ըլլային: Զուտ ազգային ճիգերուն քանի քանի օրինակներ տուինք պատմութեանս մէջ, եւ վերջին անգամ բացատրեցինք Կոլոտներու եւ Նալեաններու եւ Փոքուզեաններու անկեղծ եւ անխոնջ աշխատութիւնները: Դեռ եւս վառ էին Կաղզուանցիին ներշնչած սիրտն ու հոգին, եւ իրեն աշակերտներն էին որ այս միջոցին տաճկահայութեան գործերը կը վարէին, եւ իրեն աւանդած հրահանգներուն կը հետեւէին: Այդ հոգւով կը գործէին Յովհաննէս Չամաշըրճեան պատրիարքական աթոռին վրայ, Բարթողիմէոս Կապուտիկեան Արմաշի մէջ, եւ Պօղոս Գարագոչեան Պրուսայի կողմը: Բարթողիմէոսի ըրածէն մաս մը պատմեցինք իր կարգին 2171), եւ յիշեցինք ալ թէ իր ստացած վարկովն էր, որ կաթողիկոսութեան ալ արժանի կը դատուէր 2224), թէպէտ անհատական գրգռութիւններու առջեւ յօժարակամ կը հրաժարէր 2226), եւ կը դառնար իր վանքն ու վիճակը 1800 տարւոյ ամառուան մէջ: Չորս տարիներ եւս, 1800-է մինչեւ 1804, Բարթողիմէոս նոր ջանքեր ըրած էր, որպէսզի վանքին ուսումնական զարգացումը բարձրացնէ, եւ վիճակին ժողովուրդը հարստահարութիւններէ պահպանէ: Յովհաննէս պատրիարք ալ իրեն կ՚օգնէր, պէտք եղած պաշտպանողական հրամանագիրները ստանալով կառավարութենէն: Հետաքրքրական է այդ հրամանագիրներէն 1215 զիւլգատէ 28, կամ 1801 մարտ 31-ին տրուածը, որով Նիկոմիդիոյ տեղական իշխանութեանց կ՚արգիլուի Բարթողիմէոսը նեղել եւ տարապարտ պահանջումներ ընել, ըսելով թէ դուք եկեղեցինիդ նորոգած էք, եւ մեր նախորդին սաչափ ստակ տուած էք, մենք ալ կ՚ուզենք, թէ ոչ ձեզ կը բանտարկենք, ձեզ կը նեղենք, ձեզի կը վնասենք, եւ եթէ չտաք եկեղեցինիդ կը քանդենք (ԴՊՐ. ): Իբր Բարթողիմէոսի արդիւնաւորութեան նշանակ յիշենք եւս, թէ Արմաշու աշակերտութենէն էր Երեմիա Խայմախեան եպիսկոպոսը, զոր յիշեցինք Էջմիածին պատուիրակ երթալուն 2322): Արմաշի Բարթողիմէոսեան աշակերտութենէն եղան նաեւ, Գէորգ փոխանորդ, Պօղոս Չէնկիլէրցի, Յովհաննէս Գասպարեան, Կարապետ Պալաթցի, Բարթողիմէոս Նիկոմիդացի, Կարապետ Պօլուցի, Պօղոս Գաղատացի, Մատթէոս Եալագտէրէցի, Մարկոս Վանեցի, եւ Սարգիս Պարտիզակցի վարդապետներ, ամէնքն ալ քիչ ու շատ ազգային ծառայութեան գործածուած անձեր (ԱՐՄ. ):

2325. ԱՐՄԱՇԻ ԱՐԿԱԾԸ

Դժբախտաբար Բարթողիմէոսի սկսած գործը անակնկալ արկածներու մատնուեցաւ: Օսմանեան կայսրութիւնը տակաւին կը տագնապէր տէրէպէյի անունով ծանօթ ըմբոստ իշխաններու երեսէն, որոնք զանազան կողմեր բռնացած, թէ ժողովուրդը կը կեղեքէին, եւ թէ իրար կոծանելու կ՚աշխատէին: Նիկոմիդիոյ նահանգն ալ ունէր այսպիսիները, եւ Արմաշի շուրջը կը տիրէին Չագըր-Հասան` Կէնճալի կամ Աղճալը գաւառին, եւ Այանօղլու` Գայմաս գաւառին մէջ: Այանօղլուն Չագըրին զօրանալէն ստիպուած Արմաշու վանքը կ՚ապաւինի, եւ վանականք կը պահեն զայն առաջուընէ ցուցած բարեկամութեանը համար: Բայց երբ այդ պաշտպանութեամբ Այանօղլու կը յաջողի փախչիլ, Չագըր-Հասան իր զայրոյթը վանքին վրայ կը թափէ, կ՚այրէ ու կը քանդէ, կ՚աւերէ եւ կ՚աւարէ ամէն բան, այնպէս որ Բարթողիմէոս վանք դարձած ատեն, ծխող աւերակներու կոյտ մը միայն կը գտնայ: Արկածը հանդիպած է 1804-ին, իսկ որոշ օրը նշանակուած չէ: Կայծակնահար եղածի պէս կը սասանի Բարթողիմէոս, իր 18 տարիներու քրտնաջան աշխատութեանց արդիւնքը չարագուշակ օրուան մը մէջ փճացած տեսնելով, եւ այն օրէն իր կենսական վիճակն ալ, եւ բարոյական կեանքն ալ, ուժգին հարուածին աղիտալի հետեւանքները կը կրեն: Կը սկսի թափառական շրջիլ վիճակին մէջ, գոնէ ժողովուրդը հովուելու եւ վերաշինութեան հնարաւոր օժանդակութիւններ ճարելու նպատակով. այլ հինգ տարիներ զորս ապրեցաւ արկածէն ետքը, չբաւեցին Արմաշու վանքը վերակենդանացնել, մանաւանդ որ դժուարին եւ տագնապալից էին ժամանակները, մայրաքաղաքն ալ ուրիշ կարեւոր խնդիրներով կը զբաղէր, ու կը տառապէր Երուսաղէմի ստացութեանց վտանգին պատճառով 2317): Նոր արկած մըն ալ կրեց Բարթողիմէոս Եալօվայի կամ Քօրուի ջերմուկները գտնուած ատեն, 1807-ին, ուր զինեալ աւազակներ յարձակեցան վրան, Պօղոս Գաղատացի վարդապետը սպաննուեցաւ, եւ ինքը անտառներուն մէջ գիշերելով, եւ գիւղէ գիւղ գաղտագողի խուճապելով, հազիւ Նիկոմիդիա կը հասնէր, բայց այլեւս անկեալ եւ անկար կեանք մը կ՚անցընէր: Բարթողիմէոս տակաւին 50 տարեկան էր, այլ փորձանքներէն հիւծած եւ մաշած կը վախճանէր 1809 մարտ 25-ին, Աւագ հինգշաբթի օր, Նիկոմիդիոյ մէջ, ուր կը գտնուի գերեզմանը եկեղեցւոյ բակը: Բարթողիմէոսի յաջորդեց Կարապետ եպիսկոպոս, Շփոթ մականուանեալ, որ խաթարեալ վանքը կենդանացնելու կարողութիւնը չարդարացուց, եւ միւս տարրին, 1810-ին Արմաշու վանքն ու վիճակը յանձնուեցան Պրուսայի առաջնորդ Պօղոս Գարագոչեան եպիսկոպոսին, եւ Կարապետ անոր տեղը գնաց Պրուսա (ԱՐՄ. ): Կարապետ այն տեղ ալ ձախողելով ետ եկաւ 1811-ին, եւ իբր ապաւէն հռոմէականութեան յարեցաւ, եւ Լիբանան գնաց Անտոնեանց վանքը, ուսկից 1818-ին փոխադրուեցաւ նոյն միաբանութեան Հռոմի վանքը, եւ հոն մեռաւ 1819 յուլիս 28/9 օգոստոսին: Իր անհաստատ ընթացքը, եւ հռոմէականութեան մէջ եպիսկոպոս սրբոյ Երուսաղէմի եւ Եփեսոսի տարօրինակ տիտղոսը գործածելը, լիովին կ՚արդարացնեն իրեն Շփոթ մականունը: Իսկ Արմաշը վերակենդանացնելու համար Պօղոսի թափած ճիգերը քանի մը տարիներ երկարեցան, որոց պիտի դառնանք իրենց կարգին:

2326. ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱԹՈՌԸ

Կը փափաքէինք ամէն աթոռներու եւ վանքերու վրայ լիագոյն տեղեկութիւններ տալ մեր պատմութեան մէջ, նպատակնիս ըլլալով ազգային եկեղեցւոյն ամէն մասերը արժանապէս պատկերացնել: Դժբախտաբար ոչ ամէն յիշատակներ լոյս տեսած են, եւ ոչ ամէն յիշատակարաններ մեզի տրամադրելի եղած են, եւ հակառակ մեր բուռն փափաքին պիտի չկարենանք լիապէս գոհացում տալ մեր նպատակին: Կիլիկիոյ աթոռին վրայ Թէոդորոսի յաջորդած ցուցուցինք Կիրակոսը 2173), Աջապահեաններուն վեցերորդը, եւ Թէոդորոսի եղբօրորդին (ՍԻՍ. 219), աթոռ բարձրացած 1791-ին, Թէոդորոսի տապանագիրին հետեւողութեամբ (ՍԻՍ. 217), եւ ոչ 1801-ի (ՊԷՐ. 38)ն, ինչպես անմտադրութեամբ կ՚երեւի նոյնիսկ տապանագիրը հաղորդողին կողմէ (ՍԻՍ. 219): Կիրակոս Կիլիկիոյ աթոռին երախտաւորն եղած է, եւ իր անունը գովութեամբ կ՚աւանդուի տակաւին, եւ Մեծ մակդիրով կը պատուուի: Յիշեցինք ուխտի համար Երուսաղէմ գացած ըլլալը 1803-ին 2307), իսկ իր արդիւնաւորութեան գլխաւորն է Ս. Սոփիայի հին կաթողիկոսարանը վերաշինելը Սսոյ զառիվայրին գլուխը, երեսբաց եւ ընդարձակ բնակարանով, եւ խաչաձեւ դահլիճով, եկեղեցին ալ նորոգելը, եւ Ս. Գրիգորի Լուսաւորչի անունին վերակոչելը (ՍԻՍ. 217): Արձանագրութիւնը 1259=1810 մայիս 10 թուական կու տայ այդ շինութեանց, եւ յատկապէս կը յիշատակէ Եղիա Խարբեթացի, իմա' Խարբերդցի, եպիսկոպոսին անունը, որ իբրեւ արիաջան փոխանորդ ընտիր վեհիս Կիրակոսի, այսքան ամօք աշխատող եղած է շինութեանց վրայ (ՍԻՍ. 218): Կիրակոսի շինուածը պարսպապատ եւ պաշտպանեալ ըլլալուն, առիթ տուաւ յաչաղկոտներու, իբր թէ ապստամբութեան բերդ կառուցած ըլլայ: Զէյթունի լեռնականներու խլրտումը ոյժ տուաւ այդ զրպարտութեան, եւ Կիրակոս իբրեւ անոնց համախոհ ձերբակալեալ Կ. Պոլիս բերուեցաւ (ՍԻՍ. 218):

2327. ԱՂԹԱՄԱՐԻ ԱԹՈՌ

Աղթամարի աթոռին վրայ Կարապետ մը տեսանք էջմիածնի շինութեանց ժամանակը, առանց ճշդել կարենալու թէ ո'ր մականունով պիտի կոչենք զայն, Վանեցի Ղրմքեսե՞նց Հաւաքարանին հետեւողութեամբ, թէ ոչ Շատախցի` միւս ցուցակին համեմատ 2174): Աղթամարի կաթողիկոսի մը Էջմիածնի կաթողիկոսին ընտրութեան եւ օծման մասնակցիլը իր նշանակութիւնը կրնար ունենալ, եթէ գործը հասուն խորհրդակցութեամբ, եւ պարզուած տեսութեամբ կատարուած ըլլար: Ընդհակառակն այս առթիւ Կարապետի ներկայութիւնը միմիայն Բագրեւանդի արտասովոր օծումին արտաքին փայլը աւելցնելու ծառայեց 2266): Վասնզի ոչ Վիրապեցիի ժամանակ տիրող տեսութիւնները նորոգուեցան եւ ոչ Ջահկեցիի եւ Երեւանցիի պաշտպանած սկզբունքները նկատի առնուեցան, եւ երկու աթոռներու յարաբերութիւնները շարունակեցին իրարմէ զատուած մնալ, միայն թէ վերցուեցաւ Աղթամարի վրայէն հերձեալի կամ հեստեալի նկարագիրը, եւ Աղթամար սկսաւ նորէն Մայրաթոռոյ հետ կանոնական խորհրդակցութիւն պահել: Կաթողիկոսներուն անուններուն եւ շարքին վրայ իսկ համաձայնութիւն եւ ստուգութիւն չունեցած ատեննիս, հարկաւ պիտի չկարենանք աւելի բան մը գրել անոնց գործունէութեան մասին: Երկու ցուցակները իրարու կը մօտենան, երբ Հաւաքարանը կ՚ըսէ թէ Կարապետ Վանեցին 1804-ին մեռած է Բաղենց Ս. Էջմիածին վանքին մօտ, որ է այժմեան Երերնի Ս. Էջմիածինը (ԲԻԶ. 1200), իսկ միւս ցուցակն ալ Կարապետ Շատախցին 1803-ին կաթողիկոսութենէ դադարած կը ճանչնայ (09. ՕՐԱ. 288) եւ երկու ցուցակները համաձայն կերպով Վանեցի կամ Շատախցի Կարապետին յաջորդ կը դնեն Խաչատուր Վանեցին, որ այր առաքինի եւ սուրբ կոչուած, եւ իբրեւ հրաշագործ հռչակուած է (ԲԻԶ. 1200) որ իբրեւ մականուն ալ մնացած է անոր վրայ: Խաչատուր նեղութիւններ կրած կ՚ըսուի ներքին գժտութեանց երեսէն, բայց գործունէութենէն եւ արդիւնաւորութենէն տեղեկութիւն չենք գիտեր. իսկ մահը երկու ցուցակներէն ալ համաձայնութեամբ կը դրուի 1814-ին:

2328. ՎԻԷՆՆԱՅԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՔ

Պատմած ենք թէ ինչպէս Վենետիկէ անջատուած մաս մը Մխիթարեաններ` Թրիէստ էին ապաւինած 2111): Այս մասը ինքզինքը բաւական ուժով չզգալով, ուզեց 1799-ին վերջերը, Մելքոնեանին մահունէ ետքը նորէն Վենետիկի հետ հաշտուիլ, բայց ելքը յաջող չեղաւ: Անոր վրայ հայր Աստուածատուր Պապիկեան, որ այդ ճիւղին գլուխն էր, յաջողեցաւ 1800 յունիս 8-ին եպիսկոպոս ձեռնադրուիլ, Էջմիածնի արքեպիսկոպոսութեան անուանական բայց տարօրինակ տիտղոսով, եւ 1803-ին նորահաստատ միաբանութեան աբբահայր ընտրուեցաւ, եւ այսպէս վերջնական դարձաւ Մխիթարեան միաբանութեան երկուքի բաժնուիլը: Բայց երբ Թրիէստեանք ինքզինքնին ապահով կը կարծէին, մօտալուտ հասաւ իրենց վտանգը: Լիւրիկէի կամ Իլլիրիոյ թագաւորութեան մը կազմուելովը, Թրիէստ քաղաքի դիրքը վտանգուեցաւ, Մխիթարեանց պարտքերը ճնշմամբ պահանջուեցան, գոյքերնին աճուրդի դրուեցան: Այդ արկածները տեղի կ՚ունենային 1810 սեպտեմբերին: Պապիկեան եւ երեք ընկերներ յուսահատ վիճակի մէջ Վիէննա կը դիմեն, բարեկամներէ պաշտպանութիւն կը խնդրեն, եւ հին ծանօթներու միջոցով կայսերական հովանաւորութիւն կը գտնեն, եւ 1810 դեկտեմբեր 7-ին խոստումով կը մխիթարուին, իսկ 1811 յունուար 3-ին լքեալ վանքի մը շնորհը կը ստանան, որուն ստացութեան կը մտնեն փետրուար 16-ին, եւ 18-ին հանդիսական նաւակատիքը կը կատարեն: Այս կերպով Մխիթարեան անջատեալ ճիւղը, երկրորդ անգամ ըլլալով նոր կեանքի սկզբնաւորութիւն կունենայ, որ տիրապէս Վիէննական միաբանութեան հիմնարկութիւնը կրնայ ըսուիլ (ՅՇՐ. 8): Ասով Վիէննականք աստիճան մը եւս լատինամօտ ուղղութեան կը հպատակին, զի կատարելապէս անոր հետեւելու պէտքը կը զգան, քանի որ Լատիններէն ստացած էին իրենց նոր գոյութիւնն ալ:

2329. ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՔ

Տարբեր էր եւ կը մնար Վենետիկի ճիւղին ուղղութիւնը, որ 1799 հոկտեմբեր 4-ին կորուսած էր իր առաջնորդը, Ստեփանոս Մելքոնեան աբբահայրը: Սա եթէ մէկ կողմէն պատճառ նկատուեցաւ միաբանութեան պառակտելուն, միւս կողմէն քաջալերիչ եղաւ ուսումնական, եւ յատկապէս հայկաբանական զարգացման: Իր օրով կը սկսի Վենետիկի մէջ հայ լեզուական վերածնունդը, մինչ անկէ առաջուան արտադրութիւնները տակաւին կը կրէին վերջին աղաւաղմանց հետքերը 2109): Ստեփանոսի յաջորդեց Ստեփանոս մըն ալ, Մելքոնեան Գիւվէր-Ադոնցը, Դրանսիլվանիոյ Ճուրճով քաղաքի հայ գաղթականութեան ազնուականներէն, 1740-ին ծնած, 1757-ին Ս. Ղազարու վանքը աշակերտած, 1759-ին միաբան ընդունուած, 1763-ին քահանայ ձեռնադրուած, 1770-ին ընծայացուներու դաստիարակ նշանակուած, 1780-ին ուրիշ վանական պաշտօններու անցած, 1785-ին աբբահօր փոխանորդ, կամ ինչպէս իրենք կ՚ըսեն աթոռակալ ընտրուած, 1790-ին Դրանսիլվանիոյ հռոմէադաւան հայ գաղութին հովուութեան կոչուած: Ադոնց վերջնապէս 1800 նոյեմբեր 9-ին աբբահայր ընտրուեցաւ (ՅՈԲ. 57), նախորդին մահուանէն տարի մը ետքը, եւ քսան տարի վարեց նա այդ պաշտօնը: Մխիթարեանք իրաւամբ կրնան պարծենալ անոր արդիւնաւորութեամբը, հայ ազգն ալ գովութեամբ կը յիշատակէ զայն իր անձնական աշխատութեանց, իր ազդած քաջալերութեանց, իր հետեւած ուղղութեանց, եւ հայ գրականութեան տուած իսկական մղումին համար: Իրեն դաստիարակական եւ աբբահայրական կրկին պաշտօններուն միջոցին կազմուած աշակերտութենէն են, Յովհաննէս Զօհրապեան, Ղուկաս Ինճիճեան, Մկրտիչ Աւգերեան, Իգնատիոս Փափազեան, ու Մանուէլ Ջախջախեան, զորս Մելքոնեանի օրով ալ յիշեցինք 2109). եւ Մեսրոպ Աղաչրաղեան, Յարութիւն Աւգերեան, Եղիա Թոմաճանեան, Սուքիաս Սոմալեան, Մինաս Բժշկեան, Արսէն Բագրատունի, Եփրեմ Սէթեան, Գէորգ Հիւրմիւղեան եւ Պետրոս Մինասեան վարդապետներ (ՅՈԲ. 219-222), որոնք երկրորդ կրտսեր խումբ մը կը կազմեն, եւ ամէնն ալ գրական աշխարհի ծանօթ անուններ են: Այստեղ անուններ յիշելով կը բաւականանանք, բանասիրական ճիւղին նուիրուողներուն թողլով իւրաքանչիւրին արդիւնաւորութիւնն ու արժանաւորութիւնը գնահատել: Ամէնուն ծանօթ է որ Վենետիկի միաբանութեան կողմէ հայ լեզուին եւ հայ գրականութեան մատուցուած ծառայութեանց լաւագոյն ժամանակամիջոցը Ադոնցի պաշտօնավարութեան օրերն են: Այդ միջոցին էր որ զօրաւոր կերպով կը տիրէր Ս. Ղազարի մէջ հայասէր ոգին, հայութիւնը բարձրացնելու եւ լատինամոլութենէ խորշելու ուղղութիւնը, իրաւ անիրականալի ձեռնարկ մը, սակայն գոնէ սիրտերու մէջ վառ մնացած իղձ մը կ՚արտայայտէր: Կ. Պոլսոյ մէջ 1810-ին փորձուած միաբանական ճիգերն ալ 2321), թէպէտ ըստ ինքեան ապարդիւնութեան մատնուած ձգտումներ որակեցինք 2323), սակայն անոնց մէջ Վենետիկեան միաբաններուն ուղղութիւնը կը տեսնուէր, աւելի զօրաւոր քան հետագայ ժամանակներու մէջ: Ադոնցի ժամանակին եղելութեանց կարգին յիշենք վենետիկեան աբբահայրներուն եպիսկոպոսական աստիճան ստանալն ալ, որոց առաջինն եղաւ ինքն Ադոնց, 1804-ին, Սիւնեաց արքեպիսկոպոսութեան անուանական տիտղոսով: Իբր յաջողութիւն պիտի յիշատակուի նաեւ Նաբօլէոնի արշաւանքներուն ժամանակ, Իտալիոյ կրօնաւորական միաբանութեանց կրած տագնապներէն եւ վտանգներէն, Վենետիկի վանքին անվնաս ազատիլը, ինչպէս անկէ առաջ Անտոնեանք ալ ազատած էին իրենց Հռոմի ստացութիւնները 2183): Վերջապէս այդ միջոցին կ՚իյնայ Հնդկաբնակ բարերարին Աղեքսանդր Ռափայէլեան Ղարամեանի, ազգային վարժարանի մը համար կտակը, որուն գործադրութիւնը Վենետկոյ Մխիթարեանց կը յանձնուէր, անոնց ցուցուցած արդիւնաւորութենէն յորդորուելով եւ անկողմնակալ հոգւոյն վստահելով, թէպէտ գործադրութիւնը չարդարացուց իրենց վրայ դրուած վստահութիւնը եւ տեղի տուաւ կամայական եւ միակողմանի կարգադրութիւններու:

2330. ՀՌՈՄԷԱԿԱՆ ՀԱՅԵՐ

Հռոմէական հաստատութեանց վրայ խօսած ատենիս պէտք էր Անտոնեան միաբանութեան, եւ Հռոմէ կազմակերպուած կաթողիկոսութեան վրայ ալ խօսիլ, սակայն ասոնց մասին ըսուելիքները կանուխէն առաջ տարած կը գտնուինք 2182, 2183): Միեւնոյն սովորական կեանքն է որ երկուքին մէջ ալ կը շարունակէ, իսկ իրարու մէջ սկսած շփումները, արդէն դադարած էին Գրիգոր Քիւբէլեանի հաշտարար ընթացքովը: Ընդհանրապէս ԺԹ. դարուն առաջին տասնեակ տարիները հռոմէականութեան համար հանդարտ միջոց մը եղած են: Կ՚երեւի թէ արտաքին ծանրածանր փորձանքներ, եւ ընդհանուր հայութեան վրայ ճնշող արկածներ, երկու կողմերն ալ հանդարտութեան յորդորած էին: Նոյնիսկ Հռոմի վարժարաններէն ելլող եկեղեցականներ, կարծես թէ նուազ բուռն էին իրենց հետապնդումներուն մէջ, ինչպէս այս զգացումներուն արտայայտութիւնը տեսանք Երուսաղէմի պաշտպանութեան 2317), եւ միաբանական բանակցութեանց մէջ 2321):

2331. ԵՓՐԵՄ ՅԷՋՄԻԱԾԻՆ

Նորէն Մայրաթոռի եղելութեանց դառնալով, կը գտնուինք այն կէտը, որ նորընտիր կաթողիկոսը, ամէն ձեւակերպութիւնները լրացուցած եւ կաթողիկոսութեան իրաւապէս տիրացած, 1810 հոկտեմբեր 5-ին, երեկոյին ուշ ատեն, պարսկական սահմանագլուխէն ներս կը մտնէր Ապարան գաւառը 2313): Միւս առտուն, հոկտեմբեր 6-ին, սկսան հետզհետէ հասնիլ բազմաթիւ դիմաւորողներ, թէ Էջմիածինէ եւ թէ Երեւանէ, եւ պէտք եղած պատրաստութիւնները լրացնելով, Եփրեմ Մայրաթոռ կը մտնէր հոկտեմբեր 9-ին, Խաչի հինգերորդ կիրակի օրը, որ էր տարելից երկրորդ ամի հանգստեան Դանիէլ նահատակ կաթողիկոսի 2302), ինչպէս ինքն Եփրեմ կը գրէ (ԵՐՑ. Ա. 56): Մայր տաճարին մէջ ուխտը կատարելով, երկու օրէն հոկտեմբեր 11-ին կը մեկնի ողջունել Ապպաս-Միրզա արքայորդին, որ արդէն իր հրաւիրակները յղած էր, եւ 13-ին կը հասնի Խորվիրապի մօտ արքունի բանակետղը, եւ արտասովոր պատիւներով կ՚ընդունուի, 14-ին կը ներկայանայ, 15-ին իր ընծաները կը մատուցանէ, 16-ին արքայորդիէն խիլաները կը ստանայ իրեն եւ իրեն հետ եղող եօթը եպիսկոպոսներու, եւ խաչակիր աւագ քահանայ Մելքիսեդեկ Ղամազեանի համար: Վերջապէս 17-ին հրաժեշտ առնելով Մայրաթոռ կը դառնայ, եւ նոյեմբեր 6-ին, Հրեշտակապետաց կիրակիին կաթողիկոսական օծումը կը կատարուի, եւ կանոնաւորապէս ալ կը լրանայ Եփրեմի կաթողիկոսութիւնը: Իբրեւ հետաքրքրական յիշենք շնորհուած խիլային ձեւը, որ է շալ արկանել զպարանոցաւ, երկոքին ծայրքն կախեալք զառաջեաւ մինչեւ ցթաթս ոտիցն, հետը ունենալով գօտի ոսկեթել ծանրագին. (ԵՐՑ. Ա. 57): Բացառիկ պատիւներուն մէջ կը յիշուի նաեւ զերկուս եէտէկս ընթացուցանել առաջի, որոց մէկը ըստ նախնի սովորութեան, իսկ միւսը Ապպասէ աւելցած յատուկ ողորմութեան նշան. միանգամայն կը շնորհուի Եփրեմի ռոճիկ տարեկան չորս հարիւր թուման (ԵՐՑ. Ա. 58), որ նախընթաց չունէր: Բացառիկ պատիւներու հետ բացառիկ պարտք մըն ալ կ՚աւելցնէ արքայորդին, եւ կը պահանջէ որ կաթողիկոսը եւ Էջմիածնեցիք հաւատարմութեան երդում տան, լսած ըլլալով որ ռուս կառավարութիւնը այսպիսի սովորութիւն ունի: Ըստ այսմ անոնք ալ պայմանը կը կատարեն, եւ հին գրչագիր Աւետարանի վրայ ստորագրելով արքայորդւոյն կը յանձնեն: Գուցէ այդ պահանջէն յորդորուելով, Մայրաթոռոյ ժողովն ալ գրաւոր երդում կը խնդրէ եւ կը ստանայ Եփրեմ կաթողիկոսէն, ոչինչ չգործել առանց Սինոդի համաձայնութեան (ԵՐՑ. Ա. 59):

2332. ԵՓՐԵՄԻ ՆԿԱՐԱԳԻՐԸ

Նորընտիր կաթողիկոսը պաշտօնի գլուխ անցած օրէն, տարբեր նկարագիրի ներքեւ կը տեսնենք: Մենք ճանչցանք զինքը միշտ գործունեայ եւ խիզախ, կամքի տէր եւ գործին փարած, ոչ մի դժուարութենէ ընկրկող եւ պատասխանատուութենէ չխուսափող: Տեսանք Յովսէփի համար թափած ջանքերը, եւ մանաւանդ Դանիէլը աթոռ բարձրացնելու համար անխոնջ աշխատութիւնները, Ռուսաց կառավարութեան մօտ ճիգերը, Էջմիածինը ոգեւորելու համար ըրածները, եւ Կ. Պոլիսը շահելու համար գործածած կերպերը: Ասոնք ակնկալել կու տային որ աթոռի վրայ բուռն գործիչ մը պիտի ըլլար, եւ աթոռը վերակենդանացնող կաթողիկոս մը, ինչ որ չէր կրնար ըլլալ Դանիէլ, տարիքով ու տառապանքով ընկճուած, եւ տկար ըսուելու չափ մեղմ բնութեան տէր անձ մը: Բայց հակառակ այդ յուսալից ակնկալութեանց, տակաւին վաթսնամեայ, եւ վարչական գործունէութեան ամենայարմար տարիքին մէջ, առանց հակառակորդ եւ մրցակից ունենալու, եւ ամէն կողմէ յարգուած ու պաշտպանուած ըլլալով, արդիւնաւոր պաշտօնավարութեան տիպար մը չեղաւ: Իրաւ պաշտօնի եւ կաթողիկոսութեան հետամուտ մէկը եղած չէր Յովսէփի կամ Դաւիթի նման, սակայն գործէ փախչող կամ պատասխանատուութենէ վախցող մըն ալ չէր, մինչ աթոռի վրայ ստէպ հրաժարելու փորձեր կատարեց, զորս կեղծ ձեւակերպութիւններ ալ կարծելու իրաւունք չենք զգար: Դժուար է ճշդել թէ ի՞նչ էր այդ փոփոխութեան պատճառը, քանի որ ժամանակակիցներն ալ այդ բաղդատական խորհրդածութիւններէ կը խուսափին, եւ Եփրեմ եպիսկոպոսէ բոլորովին տարբեր Եփրեմ կաթողիկոս մը կը ներկայեն: Հնար էր միտքէ անցընել թէ Եփրեմ շուարած կամ յուսախաբ եղած ըլլայ, իր սպասածէն տարբեր միջավայր մը գտնելով Էջմիածինի մէջ, եւ կ՚արծածէն տարբեր անձերու հանդիպելով Մայրաթոռոյ մէջ. սակայն ոչ նոր մըն էր միջավայրին եւ ոչ անծանօթ մը իր միաբանակիցներուն, զորս առաջուընէ կը ճանչնար, եւ որոց հետ շարունակ յարաբերութեան մէջ էր: Ուստի այդ կողմէն ալ բաւարար եւ համոզկեր մեկնութիւն մը չենք գտներ, եւ կը թողունք որ գործերը խօսին եւ ընթերցողներ անոնցմէ ներշնչուին, եւ ոչ մեր թելադրութիւններէն: Հիւանդոտ էր, եւ մեծ մասամբ անկողին էր ծառայում, ըսելն ալ (ՆԵՐ. Ա. 9) բաւարար մեկնութիւն չենք գտներ, Եփրեմի վրայ առ ի օրէն երեւցած փոփոխութիւնը բացատրելու:

2333. ՆՈՒԻՐԱԿՆԵՐ ԵՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐ

Եփրեմի առաջին գործերէն մին եղաւ նուիրակներ յղել, զի ասկէ առաջ նուիրակութիւնը շփոթ վիճակի մատնուած էր Դաւիթի եւ Դանիէլի կողմէն զատ-զատ ղրկուելուն, եւ գացողներուն իրար չէզոքացնելու աշխատելուն պատճառով: Որչափ ալ նուիրակութեանց մեծագոյն նպատակը Մայրաթոռոյ հասոյթն էր, սակայն Եփրեմէ տրուած հրահանգներուն մէջ ընդարձակ տեղ կը բռնեն ժողովուրդին բարոյական օգուտը, եւ պահանջմանց մէջ չափաւորութիւնը, մէկ խօսքով, լինել խաշնարած, եւ ոչ անձնարած եւ պորտաբոյծ (ՄՍՐ. 82): Նուիրակներուն յատկապէս կը հրամայէր շարունակ քարոզել եւ խրատել, եւ քահանաներուն վրայ հսկել, յորդորել եւ հրահանգել, ամէն օր եկեղեցի գտնուիլ, համեստ եւ օրինակելի կենցաղ ունենալ, չափաւորութեամբ ապրիլ, աւելորդապաշտութեանց չհետեւիլ, տուրքերը հետապնդելով չթախանձել եւ չբարկանալ եւ չանիծանել, քահանաները բռնադատելու համար չբռնանալ եւ չպատժել եւ չդատապարտել, առաջնորդներուն հետ համաձայն գործել, ուրիշ նուիրակութիւններու վնաս չբերել: Նկատելի է գրչագիրներ հաւաքելու եւ Մայրաթոռոյ մատենադարանին հասցնելու յատուկ յանձնարարութիւնը: Իսկ նուիրակութեան նիւթական արդիւնքի մասին` կը յանձնարարէր կամաւոր նուէրներով գոհանալ, առածնին անունով եւ չափով եւ տեսակով արձանագրել, գանձանակները քննել, պակաս տեղեր նորոգ հաստատել, խնայօրէն ապրիլ, եւ երեք տարուան մէջ որոշուած շրջանակը աւարտել (ՄՍՐ. 81-83): Առաջնորդական վիճակներու մասին յատուկ հրահանգի կամ կարգադրութեանց չենք հանդիպիր: Դարուս սկիզբները տակաւին Էջմիածին ուղղակի միջամտութիւններ կը պահէր վիճակներու վրայ, ոչ միայն տէրունի կոչուածներուն վրայ, որոնք ուղղակի Մայրաթոռին կը պատկանէին, այլ եւ Տաճկաստանի Վիճակներուն վրայ ալ, որոնք Կ. Պոլսոյ աթոռին հսկողութեան ներքեւ էին: Պետութիւններն ալ եկեղեցական անուանմանց կամ առաջնորդութեանց մասին տակաւին միջամտութեան օրինադրեալ ձեւեր չունէին, մանաւանդ տաճկականը ու պարսկականը: Իսկ ռուսականը, թէպէտ ներքին կարգադրութիւն մը ունէր իրեններուն համար, բայց օտարազգիներու վրայ զայն չէր տարածեր: Ըստ այսմ երբոր 1810-ին վերջին օրերը կը վախճանէր Տփղիսի առաջնորդ Յովհաննէս Գեղարդակիրը, Կենդանի-նահատակ մականունով ալ կոչուած, Եփրեմ անոր տեղ կը ղրկէր Աստուածատուր եպիսկոպոսը, որ անհակառակ կ՚ընդունուէր ռուսական կառավարութենէն (ՄՍՐ. 78): Իսկ բուն Ռուսիոյ առաջնորդութեան համար նոր անուանում չէր ըներ իր մեկնելէն ետքը, զի Գրիգոր Աքքիրմանցին կամ Զաքարեանը, Դաւիթի օրէն առաջնորդ նշանակուած էր, թէպէտ ժողովուրդէն չսիրուած եւ չընդունուած, բայց ժամանակ անցնելով կիրքեր երկկողմանի հանդարտած էին, մանաւանդ Դաւիթի անկումէն ետքը, եւ Եփրեմ ալ թողուց զայն նոյն պաշտօնին վրայ, մինչեւ անոր մահը 1828-ին (ՄՍՐ. 122), որ է ըսել գրեթէ իր կաթողիկոսութեան բովանդակ ժամանակը:

2334. ՆԵՐՍԷՍԻ ՋԱՆՔԵՐԸ

Ինչ որ բնաւ չէր սպասուեր, Եփրեմի եւ Ներսէսի միջեւ պաղութիւն իյնալն էր: Պատմութեանս կարգին այնպէս միաբան եւ միամիտ եւ միախորհուրդ տեսանք այդ երկուքը, որ անհնար կը կարծուէր անոնց օր մը իրարմէ տարակարծիք գտնուիլը: Բայց անակնկալը իրականացաւ, եւ անոր պատճառ տուաւ Ներսէսի տարապայման գործունէութիւնը, որ ամէն բանի հասնիլ կ՚ուզէր, առանց խաբելու ինչ որ իրեն, կամ ինչ որ ուրիշին կը պատկանէր, եւ համարձակ կը լրացնէր այն ամէն պէտքերը կամ գործերը, որ յատուկ տէր չունէին, կամ թէ տէրը սեփականելու նախանձախնդրութիւնը չունէր: Մայրաթոռոյ մէջ կային, կաթողիկոս եւ սինոդ եւ միաբանութիւն: Կաթողիկոսը տեսանք աշխուժութենէ ձեռնթափ, եւ Եփրեմն ալ դարձած նոր ոմն Դանիէլ, թոյլ տուող որ գործողը գործէ: Միաբանութեան ձայնը արդէն կարճեր էր, յորմէ հետէ պաշտօնապէս սինոդ մը կազմուած էր, միաբանական գործունէութեան աւանդապահ: Իսկ սինոդի անդամներէն մէկն ալ Ներսէսն էր, ալեւորեալ եւ տկարացեալ ընկերներուն հանդէպ` երիտասարդ եւ ժիրաժիր անդամակից մը: Հետեւապէս Ներսէսի վրայ կու գար ամփոփուիլ բոլոր գործունէութիւնը, եւ Ներսէս ալ փախչող չէր այդ բեռէն, մանաւանդ թէ յօժարակամ զայն իր վրայ հրաւիրող եւ առնողն էր: Սակայն ոչ ամենուն ախորժելի կրնար ըլլալ այդ դիրքը, եւ կէս կատակ ու կէս գանգատ, ընդհանրապէս կը խօսուէր թէ, Կաթողիկոս եւ Սինոդ եւ Էջմիածին, ասել է մի Ներսէս: Յայտնի կը զրուցուէր թէ Ներսէս իր ձեռքին ներքեւ է առած կաթողիկոսն ու սինոդը, ինչ ուզում է, այն է անում, եւ ոչ ոք կարայ նրան ընդդիմանալ: Այդ խօսքերը Էջմիածինէ դուրս ալ ելած էին, եւ մինչեւ Պարսկաստան եւ Հնդկաստան հասած: Լսուած ալ էր, թէ կաթողիկոսական իրաւունքների վրայ բռնանալուն դէմ, բողոքել են նաեւ Պոլսոյ պատրիարքը եւ ամիրայք (ԵՐՑ. Ա. 70): Ամէն ոք կրնայ մտածել, որ եթե այդ ձայներ կը տարածուէին, ձայները մշակող եւ տարածող մըն ալ կար, եւ իրօք ալ Ներսէսի մրցակից մը ելած էր Մայրաթոռի մէջ, որ Ներսէսը չափաւորել ուզելով ինքն տարածուելու կ՚աշխատէր, եւ այս էր Յովհաննէս Կարբեցի եպիսկոպոսը: Յովհաննէս ծնած էր Կարբի գիւղի մաս կազմող Յովհաննավանք գիւղակը, 1762-ին, Մողնու վանքական եւ Էջմիածնի ժառանգաւորաց դպրոցներուն աշակերտած, եւ Ղուկաս կաթողիկոսի օրով կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած, եւ վարդապետական գաւազան ալ ընդունելով նուիրակութեանց յղուած, եւ 1807-ին Դանիէլ կաթողիկոսէ եպիսկոպոսութեան բարձրացած (ԵՐՑ. Բ. 23), եւ անկէ ետքն ալ երկրորդական դերերու մէջ մնացած էր, բայց սինոդին անցնելով (ՄՍՐ. 112), իրեն առջեւ ասպարէզը բացուած տեսաւ, եւ զայն ընդարձակելու փափաքը յղացաւ, փափաքն ալ լրացնելու համար պէտք էր, Եփրեմի եւ Ներսէսի միջեւ եղած մտերմութիւնը քանդել:

2335. ԵՓՐԵՄ ԵՒ ՆԵՐՍԷՍ

  Պատմուածները նորէն կրկնել պէտք կ՚ըլլար, եթէ ուզէինք Եփրեմի եւ Ներսէսի սրտակից եւ գործակից մտերմութիւնը բացատրել: Ներսէս ոչ թէ լոկ Դանիէլի, այլ եւ Եփրեմի ծառայած էր, եւ զայն մինչեւ կաթողիկոսութիւն բարձրացուցած էր: Եփրեմ երախտապարտ պէտք էր մնար Ներսէսի աշխատութեանց, եւ շնորհակալ եւս պէտք է ըլլար որ կաթողիկոսութեան ատենն ալ, յանուն կաթողիկոսի գործերով, իր աշխատութիւնը կը թեթեւցնէր եւ արժանիքը կը բարձրացնէր: Բայց Եփրեմի ականջը դրուած խօսքեր` իրենց ազդեցութիւնն ունեցան, իբր թէ Ներսէս զայն կ՚անարգէր, զայն ապիկար կը ներկայացնէր, անոր ազդեցութիւնը կը կոտրէր: Եփրեմ սկսաւ զգածուիլ եւ իր բերնէն սկսան լսուիլ, թէ Հնդկաստանի եւ Ռուսաստանի մէջ Ներսէսով գործած չէ, թէ Ներսէսի ըրածներուն մէջ ալ մեղադրելի կէտեր կան, թէ Ներսէսի պատճառով իշխանութիւնն իմ ոչ անցանէ քան զսեամս սենեկի իմոյ (ՄՍՐ. 79): Կ՚երեւի թէ այդ վշտացեալ սրտի արձագանգ էր, որ Եփրեմ 1812-ին սկիզբները, օծումէն իբր տարիուկէս ետքը, փափաք կը յայտնէր կաթողիկոսութենէ հրաժարելու, եւ տեղակալութիւնը Ներսէսի կ՚առաջարկէր: Բայց Ներսէս հրաժարելով կը հրաժարէր, եւ կը յայտարարէր թէ այդ պաշտօնը ստանձնել չ՚ուզէր, մինչեւ իսկ եթէ մահ ալ հանդիպէր Եփրեմի (ՄՍՐ. 77): Եփրեմի 1812-ին հրաժարիլ ուզած ըլլալուն յիշատակութիւնը` կայսերական հրովարտակի մէջ ալ ակնարկուած է (ՄՍՐ. 221): Բայց հրաժարելու միտքը ընթացք չունեցաւ եւ խօսքը փակուեցաւ. այսու հանդերձ Եփրեմի կասկածը չդադրեցաւ. զի զայն հրահրելու պատրաստներ պակաս չէին: Այս անգամ Ներսէս եղաւ որ հրաժարելու առաջարկն ըրաւ, եւ 1812 դեկտեմբեր 10-ին գրաւոր կերպով խնդրեց սինոդականութենէ արձակուիլ, եւ միաբանութեան կարգը անպաշտօն ապրիլ: Ներսէս այդ գրութեան մէջ յառաջ կը բերէ իր նախընթաց գործերը, Եփրեմի հանդէպ հաւատարմութիւնը, որուն որդի եւ ծառայ կը դաւանի զինքն, եւ անոր վրայ իրաւունք կը ճանչնայ իրեն հրամայելու ՚ի բաց կալ ՚ի դրանց իւրոց, եւ այնպէս ընդարձակել արժանապէս զիշխանութիւն իւր, եւ ՚ի զուր չունենալ այնքան առանձնական կուտակութիւնք կենամաշ կրից եւ յաճախութիւնք տրտնջանաց (ՄՍՐ. 79-80): Երբոր գործը այդ կէտին հասաւ, Եփրեմ չուզեց Ներսէսի հրաժարականը ընդունիլ, որով Ներսէս երկու եւս տարիներ մինչեւ 1814, շարունակեց Մայրաթոռոյ մէջ աշխատիլ, բայց պարտաւորուեցաւ չափաւորել իր գործունէութիւնը, եւ Կարբեցին ալ դիւրութիւն գտաւ իրը ընդարձակելու: Ասով ալ Եփրեմի եւ Ներսէսի միջեւ ցանուած գրգռութիւնը արմատաքի չվերացաւ. Եփրեմ միշտ կասկածանօք նայեցաւ Ներսէսի վրայ` իրեն եղած թելադրութիւններէ գրգռուած, եւ Ներսէս ալ աշխատեցաւ առիթ մը եւ կերպ մը գտնել աթոռէն հեռանալու, եւ իրեն ազատ գործունէութեան ասպարէզ ստեղծելու:

2336. ՄԱՅՐԱԹՈՌ ԵՒ ՏԱՃԿԱՀԱՅՔ

Եփրեմի կաթողիկոսութիւնը անհակառակ ընդունուած էր Տաճկահայոց կողմէն, զի Դաւիթեան համակրութիւնը դադարած էր Դանիէլի օրէն, եւ Եփրեմ Կ. Պոլսոյ մէջ լաւ անուն եւ համակրութիւն շահած էր կանուխէն: Յովհաննէս պատրիարք անմիջապէս անոր անունը յիշատակեց եւ յիշատակել հրամայեց եկեղեցական պաշտամանց մէջ, միայն խոհեմութիւն սեպեց յիշատակութենէն առաջ Օսմանեան կառավարութենէ հաստատութեան հրովարտակ ստանալու դիմում չընել: Այդ զգուշաւորութիւնը պատրիարք եւ ամիրայք ունեցած են, սակս ընդերկար կալոյ Եփրեմայ յերկրի Ռուսաց (ՄՍՐ. 78), կասկածելով որ մի' գուցէ թշնամի տէրութեան մը ծառայած ըլլալը արգելք ըլլայ հրովարտակին տուուչութեան. ուստի առանց հրովարտակի ալ պէտք եղածը յաջողած են լրացնել: Արդէն ալ կաթողիկոսը ուղղակի գործ մը չունէր Օսմանեան կառավարութեան առջեւ կատարելիք. եւ ամէն յարաբերութեանց համար բաւական էր պատրիարքին միջնորդութիւնը: Եկեղեցիներու մէջ անունի յիշատակութիւնը կառավարութեան մտադրութիւնը չէր կրնար հրաւիրել, եւ հրովարտակէ սպասուած յատուկ արդիւնք մը չկար: Ինչ որ այս անգամ իբրեւ խոհական, բայց եւ իբր պատահական զգուշաւորութիւն սկսաւ, նովին իսկ հաստատուն սովորութիւն դարձաւ, զի Եփրեմէ սկսելով Էջմիածինի կաթողիկոսներուն համար այլ եւս օսմանեան հրովարտակներ չստացուեցան: Եփրեմի աթոռ բարձրանալուն ատեն տակաւին Էջմիածին եւ Երեւան պարսկական երկիրներ էին, եւ հին սովորութիւնը կրնար շարունակուիլ, բայց Եփրեմի կենդանութեան Էջմիածին ռուսական երկիր եղաւ, եւ պետական յարաբերութիւններ փոխուեցան, եւ ռուսական կառավարութեան ներքեւ ենթադրելի իսկ չէր, որ իր երկրին մէջ պաշտօնավարողի մը համար` օտար կառավարութենէ հաստատութեան հրովարտակ առնուէր: Այսպես խափանուեցաւ հինաւուրց սովորութիւն մը: Միեւնոյն պատճառով կաթողիկոսներ ալ այլեւս օսմանեան տէրութեան հետ յարաբերութիւններ չկրցան ունենալ, եւ Տաճկահայոց վիճակներու մէջ ուղղակի միջամտութիւն չկրցան գործածել: Իսկ Կ. Պոլսոյ պատրիարքներուն իրաւասութիւնը կատարեալ եւ ամբողջական դարձաւ բովանդակ Թուրքիոյ առաջնորդութիւններուն վրայ: Ըստ այսմ առաջնորդներուն ընտրութեան ու հաստատութեան իրաւունքը, վիճակային գործերու հսկողութիւնը, խնդիրներու եւ դատերու լուծումը, բովանդակապէս Կ. Պոլսոյ պատրիարքներուն ձեռքն անցան. մէկ խօսքով, անոնք եղան հայրապետական իշխանութեան անմիջական գործադիրները, կամ ուրիշ բառով, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան լիազոր ներկայացուցիչները: Այս կերպով օրինաւոր իրականութիւն դարձաւ ինչ որ երբեմն այնչափ գրգռած էր Երեւանեցիին միտքը 1827): Կ. Պոլսոյ պատրիարքներ կերպով մը փոխանակեցին երբեմնի աթոռակից կաթողիկոսներու դիրքը 1404), միայն թէ օծում չունենալով չկրցան միւռոն օրհնել եւ եպիսկոպոս ձեռնադրել, իսկ անոնցմէ դուրս սկսան կատարելապէս գործադրել հայրապետական իշխանութեան պատկանող գործնական իրաւունքները: Թէպէտ Էջմիածինի նուիրակները համառօտ միջոց մը շարունակեցին, բայց անոնց ներկայութիւնը իրաւասական խնդիրներու եւ աւելորդ շփումներու առիթ տալուն պատճառաւ, քիչ ետքը նուիրակներու առաքումն ալ դադրեցաւ, եւ Կ. Պոլսոյ պատրիարքներ նովին իսկ Էջմիածնի նուիրակներու դերն ստանձնեցին բոլոր Թուրքիոյ վիճակներու համար:

2337. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ՀՐԱԺԱՐԻԼԸ

Յովհաննէս պատրիարք, ներքին եւ արտաքին խնդիրներէ ազատած, կաթողիկոսական հակառակութիւնները վերջացուցած, հռոմէականաց երկպառակութիւնները մեղմացուցած 2188), վարչական եւ կրթական ձեռնարկներու գոհացուցիչ ձեւ մը տուած 2177), գրեթէ 11 տարի էր, որ երկրորդ անգամ աթոռ բարձրանալէ ետքը 2142), պատրիարքական պաշտօն կը վարէր: Տակաւին 56 տարեկան էր, եւ տարիքին կողմէ արգելք մը չկար պաշտօնը շարունակելու, ընդհանուր յարգն ալ ու վարկն ալ չէր պակսած, բայց տարապայման թանձրամսութիւն մը եկած էր վրան, ոտքի վրայ կանգնիլ եւ ինքնիրեն շարժուիլ չկրնալու չափ, մինչեւ իսկ նստուկ պատարագ ընել ստիպուելու չափ (01. ՕՐԱ. 176): Գիրութիւնը յայտնի հիւանդութիւն էր, փայծեղնացաւութիւն կոչուած յոմանց (ՊԷՐ. 71), բայց աւելի հաւանաբար ճարպի չափազանց աճելէն առջեւ եկած էր, եւ անտանելի վիճակ ունէր, որ ժողովրդական դիտողութեանց ալ առիթ տալու սկսած էր: Այս վիճակի մէջ ալ Յովհաննէս քաշուելու մտադրութիւն չէր դարձներ, որով ամիրաներ ստիպուեցան այդ պէտքը իրեն յիշեցնել, եւ 1813 մայիսին, Զատիկէն քիչ ետքը, որ հանդիպած էր ապրիլ 13-ին, պատրիարքարան ժողուելով հրաժարուելու հարկը իրեն զգացուցին: Առաջարկը քաղցրացնելու համար յաջորդի ընտրութիւնը բացարձակապէս իրեն թողուցին, պարտքերը վճարել յանձնառու եղան, թոշակ տալ խոստացան, եւ Իւսկիւտարի Երուսաղէմատան մէջ հանգիստ ընել առաջարկեցին: Յովհաննէս դժուարութիւն չցուցուց, եւ իբրեւ յաջորդ ներկայեց Տաթեւացի Աբրահամ Գոլեան եպիսկոպոսը, որ շատ տարիներ Էջմիածնի նուիրակութիւն վարած էր, եւ Կ. Պոլսոյ մէջ անպաշտօն կ՚ապրէր, եւ արդէն յաճախ հանդիսութեանց մէջ պատրիարքը փոխանակողն էր: Ամիրաներ դիտողութիւն չըրին եւ հաւանեցան, եւ Յովհաննէս միեւնոյն օրը հրաժարագիրը ստորագրեց, եւ Աբրահամի յաջորդութիւնը կառավարութեան առաջարկեց: Գիրը կայսեր ներկայացուեցաւ, որ ընդունելէն առաջ յատուկ պաշտօնէի ձեռքով Յովհաննէսի բռնադատուած չլինելը ուզեց ստուգել, եւ անկէ ետքը հաւանութիւն տուաւ Աբրահամի պատրիարքութեան, որ մայիս 15-ին (ՊԷՐ. 451), Երեւման Խաչի հինգշաբթին կապան զգեցաւ, այսինքն է պետական դուռը պաշտօնապէս ընդունուեցաւ եւ գործի ձեռնարկեց: Յովհաննէս անձամբ կատարեց անոր պաշտօնական ընդունելութիւնը պատրիարքարանի մէջ, եւ այս առթիւ իբրեւ պատրիարքութեան յատկանիշեր, անոր յանձնեց ծիրանի փիլոնն, յակինթ մատանին եւ փղոսկրեայ արծաթապատ եւ ոսկեզօծ գաւազանն (ՊԷՐ. 73): Ուրիշ տեղ մայիս 5 է յիշուած (ՊԷՐ. 72), բայց տպագրութեան սխալ կ՚ենթադրենք, եւ ժամանակագրական ցուցակին թուականը նախադասելի կը գտնենք, եւ չենք ալ գիտեր թէ ուրիշներ ուսկից քաղած են 1813 սեպտեմբեր 6 թուականը (01. ՕՐԱ. 178): Յովհաննէս Բաբերդցի, ազգանուն Չամաշըրճեան, Կաղզուանցիի աշակերտներէն, առաջին անգամ 1800 մայիս 18-ին պատրիարք ընտրուած 2231) եւ 1801 հոկտեմբեր 29-ին պաշտօնանկ եղած 2262), 17 ամիս եւ քանի մը օր պաշտօն վարած էր: Իսկ երկրորդ անգամ 1802 հոկտեմբեր 21-ին ընտրուած, բայց դեկտեմբեր 3-ին պաշտօնի անցած 2305), մինչեւ 1813 մայիս 15 տասնուկէս տարի եւս, եւ ընդ ամէնն իբր 12 տարի պաշտօնավարած եղաւ, եւ վերջին դարուն ամենէն երկար աթոռի վրայ մնացող պատրիարքը եղաւ: Յովհաննէս կը ներկայանայ հանդարտ եւ կանոնաւոր գործիչ մը, հակառակութիւններէ խուսափող, լրացեալ եղելութեանց համակերպող, ինչ որ գործնապէս ցուցուց, թէ Դաւիթը պաշտպանելուն 2261), թէ Դանիէլը ընդունելուն 2293), թէ հռոմէականներու հետ վարմունքին 2321), եւ թէ Եփրեմի յաջորդութիւնը ճանչցնելուն մէջ 2336): Վարչական եւ եկեղեցական, բարեգործական եւ կրթական ձեռնարկներու մէջ ալ արդիւնաւոր եղաւ, կենցաղովը փառաւորութեան եւ վայելչութեան հետեւող մը, մինչեւ միւլիւք, այսինքն ճոխաձիր եւ ճոխակերպ կոչուելու չափ (01. ՕՐԱ. 169): Հրաժարելէն ետքը իբր 4 տարի եւս ապրեցաւ Իւսկիւտարի մէջ, եւ ուր մեռաւ 1817 յուլիս 26-ին եւ գերեզմանը կը գտնուի տեղւոյն գերեզմանատունը (01. ՕՐԱ. 176):

2338. ԱԲՐԱՀԱՄ ՊԱՏՐԻԱՐՔ

Աբրահամ պատրիարք նախընթացաբար ժիր գործիչ մը եղած էր Դաւիթեան կուսակցութեան մէջ: Անոր ստորագրութիւնը կը գտնենք 1803 փետրուար 10-ին ի նպաստ Դաւթի` Ռուսաց կայսեր յղուած նամակին ներքեւ (ԴԻՒ. Ե. 317), ուր կը յիշուի թէ իրենց պատուիրակները չեն կրցած ունենալ զմուտ անցանելոյ գալոյ ՚ի դուռն ողորմութեան կայսեր, եւ Տփղիս մնացած են (ԴԻՒ. Ե. 314): Ասոր վրայ Աբրահամը Կ. Պոլիս եկած կը գտնենք 1803 սեպտեմբերին (ԴԻՒ. Ե. 349), եւ իջեւանած Զինճիրլի խան (ԴԻՒ. Ե. 460), միտք ունենալով Յովհաննէսի օգնութեամբ այդ կողմէն Ռուսիա մտնել, եւ Դաւիթի համար Ռուսիոյ կայսրէն հրովարտակ ստանալ: Ուստի ծպտեալ ՚ի կերպարանս ՚ի ձեւ վաճառականի, եւ զանուն իւր վերաձայնեալ Գրիգոր Սարգիսով, 1805 սեպտեմբեր 5-ին Գրիգորուպոլիս կ՚երթայ, Գրիգոր Աքքիրմանցիին օգնութեամբ ճամբան շարունակելու համար: Բայց Դանիէլեանք լուր կու տան Մանուէլ վարդապետին, որ իրողութիւնը նոյնիսկ Աբրահամի բերնէն ստուգելով, կը հաղորդէ Վօնէնինի կուսակալին, եւ սա Աբրահամի ունեցած գրութիւնները ձեռքէն կ՚առնէ եւ զնա ինքն ընդ կրունկն ՚ի Կոստանդնուպոլիս կը դարձնէ հոկտեմբեր 7-ին (ԴԻՒ. Ա. 190): Այդ թուականէն սկսելով Աբրահամ նուիրակութիւն կը վարէ արեւմտեան շրջանակներու մէջ, այսինքն, Կ. Պոլիս եւ Ռումէլի, իբր զամս ութ (ՊԷՐ. 72), հաւասարապէս Դաւիթ եւ Դանիէլ եւ Եփրեմ կաթողիկոսներու կողմէ: Նուիրակութեան շրջանները լրացուցած ըլլալով, ոչ տեղը կը դառնայ եւ ոչ իր հաշիւները կը ղրկէ, որով հարկ կ՚ըլլայ յատուկ պատուիրակութեամբ Կ. Պոլիս յղել Յովհաննէս Կարբեցի եպիսկոպոսը, հաշիւները առնելու, միանգամայն օսմանեան հրովարտակի գործը կարգադրելու, որուն մասին խօսեցանք 2336), եւ վարժարանի մը հիմնարկութեան աշխատելու, որուն մասին պիտի խօսինք: Աբրահամ նուիրակութենէ հաւաքած գումարներէն ալ օգտուեր էր իր պատրիարքութիւնը յաջողցնելու, երբ լուր կ՚առնէ թէ Կարբեցին իր վրայ քննող եւ գանձող կու գայ: Կը փութայ լուր հասցնել Եւդոկիա, ուր հասած էր Կարբեցին, որ աշխատութիւն չառնէ, զի ինքն հաշիւ եւ դրամ Մայրաթոռ պիտի յղէ: Սակայն Կարբեցին ետ չի դառնար, Կեսարիոյ մէջ ալ ընելիքներ լրացնելով Կ. Պոլիս կը հասնի, եւ կ՚երթայ իջեւանիլ ռուսական դեսպանատան թարգման Բիզանիի մօտ, որուն յատկապէս յանձնարարական ալ ունէր Կովկասի ռուսական կուսակալութենէն: Աբրահամ պատրիարքական աթոռ բարձրացած էր, եւ ամիրաները ամօթ սեպեցին թէ իրենց եւ թէ իրենց պատրիարքին խայտառակուիլը, ուստի պարտաւորուեցան ետ տալ որչափ ինչ Աբրահամ իրենց պարգեւ տուած էր: Որչափ ալ Աբրահամ խոստացած կ՚ենթադրուի ուրիշ կերպով նոյն գումարները ամիրաներուն դարձնել, սակայն ամիրաները կը կասկածէին որ մի գուցէ դեսպանն ազդ արասցէ ՚ի դուռն արքունի. եւ իրենք խայտառակուին: Ուստի հաշիւ ու գումար յանձնեցին Կարբեցիին, եւ անոր ալ միտքը աղաչանօք եւ ընծայիւք հաճեցուցեալ ճամբայ հանեցին (ՊԷՐ. 74): Հրովարտակի խօսք չեղաւ, զի Յովհաննէսի օրէն գործը նոր ձեւ առած էր 2336). իսկ վարժարանի գործը դեռ անպատրաստ եւ անկերպարան բան մըն էր. Կարբեցին ալ անոր հետամուտ եղած չ՚երեւիր: Աբրահամ բաւական ծանր փորձանք մը անցուցած եղաւ, սակայն կարծես թէ պաղութիւն մը մտաւ ամիրաներուն սիրտը, որ խախտեց Աբրահամի դիրքը:

2339. ԵՓՐԵՄԻ ԾՐԱԳԻՐԸ

Զանազան տեղերու գործերը ժամանակակից կերպով պատմելու նպատակով, նորէն կը դառնանք Էջմիածնի գործերուն: Երբոր Եփրեմ Կ. Պոլիս յղեց Կարբեցին, միայն նուիրակական արդիւնքներու եւ վարժարանական հիմնարկութեան խնդիրներով չէր բաւականացած, այլ ընդհանուր բարեկարգութեանց եւ Մայրաթոռոյ յարաբերութեանց ալ ծրագիր մը կազմած էր տասը յօդուածներով, զոր Կարբեցին Տաճկահայոց ընդունել պիտի տար: Բայց մենք բնաւ յիշատակութիւն չենք գտնար ծրագիրին առաջարկուելուն կամ քննութեան առնուելուն վրայ, եւ մեռեալ տառ մը մնացած կը գտնենք: Ասով մէկտեղ անօգուտ չենք սեպեր յօդուածներուն քաղուածը տալ, գոնէ Եփրեմի տեսութեանց մասին գաղափար մը կազմած ըլլալու համար: Ծրագիրը կ՚առաջարկէր` 1. Կ. Պոլսոյ ամիրաներուն մէջէն մէկը նշանակել Էջմիածնի գործակալ եւ գանձապետ: 2. Երուսաղէմի, Կիլիկիոյ եւ Աղթամարայ վանքերէն դուրս գտնուող մասնաւոր վանքերուն մատակարարութիւնը ամփոփել երեք անդամէ բաղկացեալ հոգաբարձութեան մը ձեռքը: 3. Մասնաւոր վանքերու անունով նուիրակներ չհանել: 4. Կաթողիկոսը իրեն աջակից պահէ երկու խոհական եւ վկայեալ եպիսկոպոսներ, եւ անոնցմէ մին վիճակաւ աթոռին յաջորդէ: 5. Դանիէլ կաթողիկոսի Մարաղայի մէջ կազմած կոնդակը 2287) տպուի եւ ցրուի: 6. Օսմանեան տէրութենէ առնուելիք հրովարտակին մէջ սինոդն ալ յիշատակուի: 7. Էջմիածինէ եւ Երուսաղէմէ դուրս եպիսկոպոսներուն թիւը շատ չըլլայ: 8. Նուիրակներ առանց կաթողիկոսի կամ պատրիարքի կոնդակին չշրջագային, եւ միասին մասունք չտանին: 9. Իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ պէտքէն աւելի քահանայ չձեռնադրուի: 10. Ս. Էջմիածնի անունով եւ Մայրաթոռոյ ծախքով վարժարան մը հաստատուի Կ. Պոլսոյ մէջ (ՍԱՒ. 1131-1132): Այս տասը գլուխներէն վերջինին ձեռնարկութիւնն ալ չեղաւ, ինչպէս յիշեցինք, մեկալնոնք ալ չխօսուեցան, բայց օգտակար եղած կ՚ըլլային, եթէ նկատառութեան առնուէին, ի իրաց առեալ չորրորդը որ յաջորդութեան տարօրինակ ձեւ մը կը ստեղծէ, եւ կերպով մը հին աթոռակցութեամբ յաջորդութեան ձեւը կը նորոգէ. եւ վերջին ընտրութեանց առթիւ յառաջ եկած շփոթներէն, Եփրեմի սրտին վրայ տիրած զզուանքը կ՚արտայայտէ:

2340. ԵՓՐԵՄ ԵՒ ԴԱՒԻԹ

Պաշտօնանկ Դաւիթին անունը վերջին անգամ տուինք Դանիէլին յետին օրերուն մէջ, Ներսէսի դէմ քսութիւն ընելուն 2299). եւ Ներսէսի արդարանալուն առթիւ 2301): Դաւիթի կրած այդ վերջին ամօթապարտութիւնը զինքն կասեցուցած էր նորէն կաթողիկոսանալու միտքէն 2309), եւ Եփրեմի յաջորդութիւնը անհակառակ յառաջացած էր: Եփրեմ ալ երբոր էջմիածին մտաւ, թօթափած էր իրմէ` հին պայքարող հոգին, եւ կարծես թէ չյիշեց իսկ, որ ինքն էր Դաւիթի տապալման գլխաւոր գործիչներէն մէկը, եթէ ոչ բուն իսկ գլխաւորը, ռուսական կառավարութեան մօտ գործած ազդեցութեամբը: Կաթողիկոսական օծումէն ետքը առաջին գործերէն մէկն եղաւ Դաւիթին դիրքը կանոնաւորել, եւ այնպիսի ձեւի մը վերածել, որ այլեւս խնդիրի նիւթ չդառնայ: Այս նպատակին համար պէտք էր որ Դաւիթ ձգտումներէ եւ յաւակնութենէ ետ քաշուէր, իսկ Եփրեմի ալ պէտք էր որ Դաւիթը զրկողութեանց չենթարկէր: Դաւիթ համոզուած էր որ Եփրեմին հզօր պաշտպանութիւններով եւ ընդհանուր համակրութիւնով աթոռը գրաւելէ ետքը, անհնար էր զայն տապալել: Եփրեմի բնաւորութեան համար ալ ծանր չէր, անցուկը մոռցուկով, հաշտ ու համերաշխ ընթացք մը կազմել: Իրարու հետ տեսակցեցան ալ, հարկաւ հակառակութեանց երեսէն ազգին ու եկեղեցւոյն վնասուած ըլլալն ալ խօսեցան, իրարու դէմ ըրածնին եւ ըսածնին մոռացութեան տուին, եւ իրենց հաշտութիւնը գրաւոր դաշնագիրի վերածեցին եւ 1810 դեկտեմբեր 25-ին ստորագրեցին, եօթը եպիսկոպոսներու վկայութեամբ ալ վաւերացուցին: Այդ դաշնագիրին զօրութեամբ, Դաւիթ կը հրաժարէր որեւէ իրաւունքէ եւ ձգտումէ, կը մտնէր միաբան եպիսկոպոսներուն կարգը, կը խոստանար հանդարտ ապրիլ, եւ յանձն կ՚առնուր առաջնորդական կամ նուիրակական պաշտօն ալ կատարել, եթէ ինքն յօժարեսցի: Միւս կողմանէ կաթողիկոս եւ սինոդ ազատութիւն կը թողուին անոր, բնակիլ աթոռի մէջ, կամ Երեւան եղբօրը մօտ, կամ Արարատեան դաշտին որեւէ մէկ գիւղը ըստ հաճոյիցն, եւ մնալ ուր եւ որչափ հաճոյ թուեսցի ինքեան: Միանգամայն կ՚ապահովէին անոր ապրուստը, խոստանալով տալ տարուէ տարի 150 թուման պարսիկ դրամով, որ է 2250 ղուրուշ օսմանեան դրամով, քսան սօմար ցորեն, եւ ուրիշ պարէններ որոշեալ լիտրով, այսինքն է, միս 100, բրինձ 20, կարագիւղ 7, շուշմաձէթ 5, ոսպ 10, սիսեռ 5, բակլայ 5, սոխ 30, գինի 50, օղի 5, ձեռքը մը պատկանաւոր հանդերձ, եւ երկու սպասաւոր պատկանեալ հանդերձիւն եւ վարձուքն (ԵՐՑ. Ա. 61): Անգամ մը որ Դաւիթ յոյսը կտրեց եւ իր հին ձգտումներէն հրաժարեցաւ, այլեւս իր վրայ խօսելու առիթ չտուաւ. մինչեւ իսկ այնուհետեւ ամենայն ջերմեռանդութեամբ ապրած ըլլալը կը վկայուի (ՇԱՀ. Ա. 233), միաբանական սենեակներուն կարգը, ուր միշտ կը ցուցուէր Դաւիթի սենեակը, որ վերջին օրեր քակուեր է հիւսիսակողման սենեակներուն շարքին հետ: Եփրեմ ալ իր կողմէն ամէն տեսակ քաղցրութիւն եւ պատուասիրութիւն պակաս չըրաւ, սինոդն ալ ճշդապահ մնաց յանձնառեալ պայմաններուն, Ներսէս ալ իր կողմէն հաւատարմութեամբ հետեւեցաւ կաթողիկոսին բռնած ուղղութեան: Եօթը տարի եւս ապրեցաւ Դաւիթ այդ դաշնագրութենէն ետքը, ընդհանրապէս վանքի մէջ, եւ միայն մերթ ընդ մերթ եղբօրը մօտ երթալով: Վախճանեցաւ 1817 հոկտեմբեր 31-ին, եւ թաղուեցաւ Ս. Գայիանէի գաւիթին հիւսիսակողմը (ՇԱՀ. Ա. 233):

2341. ՆԵՐՍԷՍ ԱՌԱՋՆՈՐԴ

Երբ որ մէկ կողմէն Մայրաթոռոյ մէջ Դանիէլի եւ Դաւիթի խնդիրը վերջնականապէս կը փակուէր, միւս կողմէն նոր խնդիրի առիթ կու տային Ներսէս Աշտարակեցին եւ Յովհաննէս Կարբեցին` իրենց մրցակից ձգտումներով: Ներսէս պահ մը տեղի տալ ուզած էր հրաժարելով, բայց Եփրեմ չէր ընդունած, զի դիւրին չէր կորսնցնել Ներսէսի պէս գործունեայ օգնական մը, եւ ոչ ալ կը համարձակէր վստահօրէն Յովհաննէսի կրթնիլ: Անոր վրայ շարունակեց տակաւին Ներսէսի ազդեցութիւնը, որ աւելցաւ ալ Թավրիզ արքայորդւոյն մօտ կատարած պատուիրակութեամբը (ՆԵՐ. 9), այնպէս որ 1812 սեպտեմբեր 12-ին Էջմիածին այցելող անգղիացին Հենրիկոս Մարթին աբեղայ կը գրէ, թէ մենաստանս այս, կամ լաւ եւս ասել, ընդհանուր ազգ Հայոց ընդ իշխանութեամբ Ներսիսի, եւ թէ պատրիարքն Եփրեմ է անուանակիր եւեթ, որ եւ ստէպ յանկողնի հիւանդութեան տեսանի (ՄՍՐ. 178): Ասկէ ետքն է Կարբեցիին Կ. Պոլիս երթալը 2338), եւ յաջողութեամբ դառնալը, որ իրեն ազդեցութիւնը աճեցուց, եւ Ներսէս ներքին անցուդարձերէ ձանձրացած որոշեց վերջնապէս Էջմիածինէ հեռանալ, եւ կաթողիկոսէն խնդրեց Տփղիսի առաջնորդութիւնը, ուր համարձակ եւ ընդարձակ գործունէութեան ասպարէզ պիտի ունենար: Եփրեմ յօժարակամ հաւանեցաւ Ներսէսի առաջարկին, զի ինքն ալ սկսած էր սիրտը դնել, թէ Ներսէսի միտքն է հայրապետական իրաւունքների վրայ բռնանալ (ԵՐՑ. Ա. 72): Արդէն Աստուածատուր ալ 2333), ոչ մեծ արդիւնաւորութիւն ցուցուցած էր, եւ ոչ ռուսական կառավարութեան մօտ ազդեցութիւն ստացած էր, եւ Ներսէսի Տփղիսի մէջ ներկայութիւնը կրնար մեծապէս օգտակար ըլլալ: Աստուածատուր ետ կանչուեցաւ, եւ Ներսէս Տփղիսի առաջնորդութիւնը ստանձնեց 1814-ին, բայց Եփրեմի դիրքը ասով չզօրացաւ, մանաւանդ թէ աւելի եւս տկարացաւ. զի թէպէտ Ներսէս չափազանց գործունէութեամբ ամէն բան իր ձեռք անցուցած կ՚երեւար, սակայն գոնէ Եփրեմի հինաւուրց բարեկամն ու նուիրեալ հաւատարիմն էր, մինչ Կարբեցին, որ Ներսէսի տեղ ինքն կաթողիկոսացաւ, Եփրեմի հանդէպ միեւնոյն զգացումներ չէր տածեր, այնպէս որ Ներսէս անոր վրայ խօսած ատեն կը գրէր, Կարբեցի եղբայր դաշնակցեալ ընդ սատանայի, Դաւիթ երկրորդ կամի յայտնել զանձն իւր (ԵՐՑ. Ա. 73), որ է ըսել, օրինաւոր կաթողիկոսի դէմ հակառակաթոռ մը ըլլալ: Եթէ Կարբեցիին ասպարէզը կ՚ընդարձակուէր, Ներսէս իր ազդեցութենէն եւ գործունէութենէն բան մը կորսնցուցած չէր ըլլար, վասնզի ռուսական կառավարութեան հետ անմիջական յարաբերութեան մէջ գտնուելով, Էջմիածնի բախտին տէր կը դառնար, եւ Ռուսներն ալ առաւել կարեւորութիւն կու տային Ներսէսի, քան թէ Եփրեմ կաթողիկոսին եւ Էջմիածնի ժողովին:

2342. ՏՓՂԻՍԻ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ

Եթէ Ներսէսի գործունէութեան ասպարէզը ընդարձակուեցաւ, բայց ինքը դժուարութեանց եւ հակառակութեանց տագնապէն չազատեցաւ, եւ համարձակ պէտք է խոստովանիլ, թէ Ներսէս իրեն հետ կը պտըտցնէր այդ կացութիւնը, որուն պատճառ կու տար իր ձեռնարկներով, որոնց նիւթն ու նպատակը ուղիղ էին, սակայն գործողին յախուռն ու անկաշկանդ կերպերը` գրգռիչ եւ վիրաւորիչ կը դառնային: Տփղիս հասնելով եւ վիճակային կառավարութեան գլուխ անցնելով, միտքը դրաւ զայն կարգ ու սարքի ենթարկել, եւ գլխաւորապէս երկու կէտերու մտադրութիւն դարձուց, եկեղեցականներուն կենցաղին եւ մատակարարութեանց հսկողութեան: Ժամանակակից յիշատակները ամենատխուր գոյներով կը նկարագրեն այդ կէտերը: Քահանայական դասուն վրայ կը տիրէր խորին տգիտութիւն եւ անբարոյականութիւն (ԵՐՑ. Ա. 70). ընտրութիւն եւ արժանաւորութիւն չէր փնտռուեր, ծխատիրութիւնը ժառանգական էր եւ առեւտուրի առարկայ, ուսում եւ հմտութիւն չէին արժեր, առաջնորդի իրաւասութիւն չէր յարգուեր, ընդհակառակն այս կամ այն իշխանաւորի պաշտպանութեան կրթնելով` ուզածնուն պէս կ՚ապրէին, առաջնորդներն ալ ստիպուած էին հլու հպատակ դառնալ առաջաւոր կամ իշխանաւոր աշխարհականներուն (ԵՐՑ. Ա. 79): Ներսէսի բնաւորութեան տէր մէկ մը` այս կացութեան հպատակող չէր կրնար ըլլալ, ուստի շուտ սկսաւ ազդեցիկ քահանաներուն եւ առաջաւոր աշխարհականներուն հետ պայքարը, որ առաջ խուլ ձեւ ունէր, բայց հետզհետէ հրապարակային դարձաւ: Ներսէս իր բնական կորովէն զատ` իրեն թիկունք կազմած էր ռուսական կառավարութեան ներկայացուցիչները, որոնք կանուխէն ճանչցած էին անոր կարողութիւնը. Եփրեմ ալ շատ գողտրիկ վարքագրութիւն մը յղած էր անոր մասին, որ մինչեւ Պետրբուրգ հաղորդուեցաւ (ԵՐՑ. Ա. 73) եւ աչքի ներքեւ ալ կը տեսնուէր անոր արդիւնաւոր աշխատութիւնը: Ներսէսի պաշտօնը կայսրէն ալ հաստատուեցաւ, եւ ինքն ալ պահանջուած հաւատարմութեան ուխտը կատարեց, եւ կայսերահաստատ առաջնորդութեամբ եւ իշխանութեան բարեկամութեամբ զօրացած` իրեն համար ամուր դիրք մը ապահովեց, եւ այնպէս պայքարի մտաւ անկաշկանդ կերպով: Ներսէսի վրայ կասկածներ խօսուած են, թէ նախկին դաւիթեաններու հետ անձնական հաշիւներ շտկելու միտքն ունեցած ըլլայ (ԵՐՑ. Ա. 76), սակայն դաւիթեանութիւնն այլեւս գոյութիւնն իսկ կորուսած էր, եւ Էջմիածնի մէջ Դաւիթի անձին իսկ հանդէպ իր զգացումները փոխող Ներսէսը, պէտք չունէր Տփղիսի մէջ նախկին դաւիթեաններու հանդէպ հին զգացումները պահել: Աւելի զուգադիպութիւն մը պէտք է նշմարել այդ պարագային մէջ, զի դաւիթեանց ուղղութիւնն էր ներքին բարեկարգութենէ աւելի արտաքին պաշտպանութիւն հետապնդել, մինչ Ներսէս անձերէ աւելի ուղղութեան հետ պայքարի մտած էր:

2343. ԾԽԱՏԻՐԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐ

Ոչ մտադիր ենք, եւ ոչ ալ մեր աշխատութեան պայմանները կը ներեն, Տփղիսի բոլոր անցուդարձերուն հետեւիլ, եւ անոնց մանրամասնութիւնները պատմել, որոնք ուրիշներէ խնամով հաւաքուած են (ԵՐՑ. Ա. 73-148). բայց աւելորդ չենք սեպեր քանի մը գլխաւոր կէտեր յիշատակել, ընդհանուր գաղափար մը տալու համար: Ներսէսի դէմ շարժումներուն պատճառներէն մին եղաւ վիճակագրութիւն կազմելու ձեռնարկը, որուն առաջին պահանջողն ռուս կառավարութիւնն էր, բայց Ներսէս ալ ամենայն եռանդով փարեցաւ անոր: Վիճակագրութիւնը պիտի ճշդէր հայաբնակութեանց թիւը եւ պիտի կանոնաւորուէին ծխատիրութեան պահանջները, պիտի գիտցուէին եկեղեցական կալուածները եւ հասոյթները, երեւան պիտի գային բռնաբարողներուն զեղծումները, պիտի ապահովուէին եկեղեցիներու սպասներն ու շարժական ստացութիւնները, եւ պիտի խափանուէին անիրաւ սեփականութիւններն ու անկանոն վատնումները: Անկարգութեանց բարձումը շատերու շահերուն կը դպչէր. եւ այս է Ներսէսի ձեռնարկներուն հակառակելու եւ անոր իշխանութեան դէմ կքրելու իսկական պատճառը: Ներսէսի հակառակորդ խումբին մէջ կը գտնուէին Բեհբութեան, Արղութեան, Ղորղանեան եւ Թումանեան իշխանազուն գերդաստանները, եւ ասոնց կը հետեւէին` շատ մը ազնուականներ եւ պատուաւոր քաղաքացիներ (ԵՐՑ. Ա. 107): Ամէնուն գլուխը կանգնած էր իշխան Դարչի Բեհբութեան, երբեմն տէր եւ տիրապետող Տփղիսի հայութեան, եկեղեցականութիւնն ու առաջնորդութիւնն ալ մէջը ըլլալով, մինչեւ իսկ մեք եւս եմք յատկացեալ կնեազ եւ եպիսկոպոս մերոյ հօտի, գրելու չափ համարձակող մը (ԵՐՑ. Ա. 101): Այս տրամադրութեանց հետեւանօք շարունակ մասնաւոր խնդիրներու առիթներ կը ստեղծուէին. այլ մեծ նշանակութիւն ունեցաւ Նորաշէնի քահանային ժառանգական կամ ծխատիրական խնդիրը: Նորաշէնի եկեղեցին Բեհբութեանց սեփականութիւն համարուած էր, որուն ծերունի քահանայն Տէր Յակոբը, անզաւակ ըլլալուն, իրեն որդեգիր եւ յաջորդ ընտրած էր Ապօձավրեանց Մովսէս տիրացուն, զոր Ներսէս ինքն ձեռնադրած էր ժամանակին, եւ Դանիէլ կաթողիկոս անոր ժառանգական ծխատիրութիւնը հաստատած էր: Ժամանակ անցնելով Յակոբի եղբօրորդին ալ կը քահանայանայ Տէր Գաբրիէլ անունով, եւ Յակոբի վերջին օրերը կը յաջողի իրեն վրայ դարձնել տալ ծխական ժառանգութիւնը, որուն Բեհբութեանք ալ պաշտպան կը կանգնին, մինչ Ներսէս կ՚ընդդիմանայ, եւ կաթողիկոսական հաստատութեամբ ստացուած իրաւունքը եղծանել չ՚ուզեր: Ներսէս կը զգածուի եւս այն պարագայէն, որ Գաբրիէլ վարակուել էր ծայրայեղ արբեցողութեան ախտով (ԵՐՑ. Ա. 105), եւ մինչեւ իսկ այդ տգեղ վիճակի մէջ ներկայացուցած էր զայն իր պաշտպաններուն: Բայց Դարչին ասով չէր զիջաներ: Ուստի 1806 յունիս 15-ին իր կողմնակիցները կը գումարէ, եւ Ներսէսի դէմ բողոքագիր մը ստորագրել կու տայ Եփրեմ կաթողիկոսի ուղղուած, խնդրելով որ հեռացնէ զխանգարիչն ազգի մերոյ եւ պատուոյ, եւ սպառնալով թէ չար լիցի յետինս քան զառաջինն (ԵՐՑ. Ա. 107): Թէպէտ ռուսական կուսակալ իշխան Ռտիշչեվ կ՚ուզէր բողոքագիրին առաքումը արգիլել, բայց կը ստիպուի զիջանիլ, եւ նամակը կը յղուի հասցէին, Յովսէփ Բեհբութեանի մասնաւոր նամակով մը, որուն մէջ գրուած էր եւս, թէ խնդրեմ մտաբերեա' զԻլվով քաղաք Լեհաց, եւ ի փոքր գրութենէս զմեծն իմաստասիրեա (ԵՐՑ. Ա. 111):

2344. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԵՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴ

Այս կերպով Տփղիսի մէջ երկու տարիէ ի վեր արծարծուած կնճիռը Մայրաթոռոյ ատեանը ելաւ, ուր Ներսէսի հանդէպ անկեղծ համակրութիւն չէր տիրեր. բայց հնար ալ չէր դիւրին կերպով զայն յայտնել: Տփղիսի ժողովուրդը, եւ մանաւանդ կանանց դասը, յայտնապէս ի նպաստ Ներսէսի ցուցմունքներ կը կատարէին, լացուկոծ բարձրացնելով առաջնորդարանի առաջ, եւ կ՚աղաչէին որ չվշտանայ եւ չանիծէ, միտք բերելով Ծակոսկոր մականուանեալ մարդու մը` Ներսէսի անէծքին վրայ ամբողջ գերդաստանով քանի մը օրուան մէջ ջնջուիլը (ԵՐՑ. Ա. 112): Նոյն իսկ Լատին եկեղեցականներու մեծաւոր Հայր Փիլիպպոս, Ներսէսի պաշտպանութեան համար յատկապէս կը գրէր Եփրեմի, որուն վաղածանօթ էր (ԵՐՑ. Ա. 113): Վրաստանի եքսարք Վարլաամ մետրապոլիտն ալ գրաւոր պաշտպանութիւն կը յղէր կաթողիկոսին, մեղադրելով հայ իշխանաւորներուն ընթացքը (ԵՐՑ. Ա. 115), եւ իրեն ձայնակից կը լինէին Դոսիթէոս Կախեթի արքեպիսկոպոսը եւ Ալեքսիոս արքիմանտրիտ Ռուսաց կողմէն (ԵՐՑ. Ա. 113): Ներսէս ալ լուռ չէր կենար, եւ մի շարք գրութեանց մէջ մանրամասն կը բացատրէր բոլոր անցուդարձերը, Բեհբութեան Դարչիի գրգռած յուզումին անկանոնութիւնը, վիճակին անբարեկարծ կացութիւնը, հիմնական բարեկարգութեան պահանջը, եւ կը խնդրէր որ կաթողիկոսը բացարձակ յայտարարէ թէ ինքն առաքեալ է Ներսէսը, յատկապէս յաղագս բարեկարգելոյ զեկեղեցիսն եւ զեկեղեցականս, եւ ազատէ ի մոլի տգեղութենէ անգոսնելի կրից Բեհբութեանց ոչ միայն զինքն, այլ եւ զարքեպիսկոպոսութիւնն (ԵՐՑ. Ա. 117): Եփրեմ եւ իր խորհրդականներ նեղ դրութեան մէջ ինկան, չէին կրնար ոչ Ներսէսի կողմը անտեսել եւ ոչ Բեհբութեանի կողմը ցաւցնել, եւ միջասահման կերպով երկու կողմերը իրարու մօտեցնելու կերպը փորձեցին: Կաթողիկոսը 1816 յուլիս 20-ի կոնդակով նախ կը մերժէ ծխատիրութեան մասին ժառանգական իրաւունքի գոյութիւնը, եւ կը հռչակէ որ ծխատէրին մեռնելով ծուխեր տէրունի կը դառնան, եւ առաջնորդը իրաւունք ունի պատշաճը տնօրինել: Միանգամայն Ներսէսի կը թելադրէ Ապօձավրեանին համար չպնդել, եւ կաթողիկոսական կոնդակով հաստատուած ըլլալը անդառնալի չսեպել, զի ինքնն իսկ Աստուած ի սէր ժողովրդեանն, ըստ պահանջման հարկին, փոփոխէր զիւր կամս եւ զբանս (ԵՐՑ. Ա. 118), այլ ջանալ ժողովուրդը շահիլ յարմար բարեփոխումներով: Այս պատճառով Ապօձավրեանի նպաստաւոր նոր որոշում չի տար, Ներսէսի համար ալ նոր յանձնարարական չի գրեր կուսակալին, եւ ոչ պաշտօնական գիր կը յղէ` Պետրբուրգ ներկայացնելու համար: Միւս կողմէ Տփղիսեցիներուն գանգատագիրին կը պատասխանէ, թէ Ներսէսը հեռացնելու բաւական պատճառ չի գտներ, թէ անոր ձեռնարկած բարեկարգութիւնները կը պահանջուին ըստ անդառնալի հրամանի նորին սուրբ կայսերութեան, եւ թէ անոնք պէտք է գործադրուին թէ կամեսջիք, եւ կամ եթէ ոչ կամեսջիք (ԵՐՑ. Ա. 121), ուստի եւ հաշտութեան յորդոր կը կարդայ: Գործը դիւրացնելու համար յատուկ պաշտօն կու տայ վերոյիշեալ Դոսիթէոս եպիսկոպոսին, եւ Էջմիածինէ ալ յատկապէս ճամբայ կը հանէ Մարտիրոս եպիսկոպոսը, եւ մասնաւոր նամակներով Ռըտիշչեվ կուսակալին ու Վարլաամ եքսարքին ձեռնտուութիւն ալ կը խնդրէ:

 

2345. ԴԱՐՉԻ ԲԵՀԲՈՒԹԵԱՆ

Եփրեմ կը յուսար թերեւս այս կերպով խնդիրը փակել, բայց ակնկալութիւնը չպսակուեցաւ: Դարչի Բեհբութեան իր հետապնդումէն ետ չկեցաւ, եւ 1816 օգոստոս 18-ին նոր բողոքագիր մը ուղղեց կաթողիկոսին, Ներսէսի հեռացումը պահանջելով, թէեւ այս անգամ նուազագոյն հետեւորդներով: Եփրեմը գրգռելու նպատակով եւ մասնաւոր նամակով կը հաղորդէր, թէ Ներսէս սովոր եղած ըլլայ ըսել, թէ կաթողիկոսը առանց իմ ոչինչ կարէ հրամայել ի վիճակի իմում, եւ թէ նմա անկարելի է փոխադրելն իմ աստի (ԵՐՑ. Ա. 123): Դարչիի չափազանցութիւնները նոյնիսկ Տփղիսի հայութեան մի մասը զայրացուցին, որոնք կաթողիկոսին դիմելով յայտարարեցին, թէ Բեհբութեանց, եւ ոմանց համախոհից հնարագործութեամբ գրեալքն, բոլորն չարակամութեան հնարք են: Ուրիշներ ալ սեպտեմբեր 1-ին համակրութեան ուղերձ մատուցին Ներսէսի, յայտնելով թէ ամենայն հասարակութիւնն ջերմեռանդութեամբ ի պատրաստի կայ ի կատարումն ծառայութեան: Երկու գրութեանց ներքեւ ալ բազմաթիւ իշխանութիւններու եւ ազնուականներու ստորագրութիւններ կային (ԵՐՑ. Ա. 124): Դարչի իրեն օգնութեան հրաւիրեց վրացի ազնուականները, հաւատացնել տալով թէ Ներսէս կ՚աշխատի Հայոց ճորտերի ազատութեան մասին վրացոց ստրկութիւնից, որով անոնք ալ սկսան զինուիլ Ներսէսի դէմ, եւ Ռըտիշչեվ կուսակալին միտքը պղտորել: Ասոր վրայ Ներսէս պարտաւորուեցաւ իշխան Գօլիցին մեծ նախարարին պաշտպանութեան դիմել, Յովակիմ Լազարեանցի միջնորդութեամբ եւ պետական կարգադրութեանց գործադրութեան աշխատիլը յիշեցնել: Եփրեմ վախնալով որ մի' գուցէ ծանր հետեւանք մը հասնի Ներսէսի հակառակորդներուն վրայ, փութաց ինքն ալ գրել մեծ նախարարին, խնդրելով շնորհել վշտացեալ ծերունւոյն զյանցանս նոցա, վարկանելով զայն ամենայն ոչ ի կամայական ինչ դրդմանց յառաջացեալ (ԵՐՑ. Ա. 126): Նախարարը բաւական սեպեց Ռըտիշչեվի յանձնարարել, որ Հայ ժողովրդին իմացնէ, թէ կառավարութեան հրամանները վնաս ոչ գործեն, ոչ ազգի եւ ոչ եկեղեցւոյ, եւ յորդորէ որ զպարտ ու պատշաճ յարգանս ցուցցեն Ներսէս արքեպիսկոպոսին (ԵՐՑ. Ա. 127): Եփրեմ նոր կոնդակ մըն ալ գրեց Դարչիի եւ համախոհներուն յորդորելով հաշտուիլ եւ խաղաղ կ՚ենալ, բայց Դարչի ծրարն իսկ չուզեց ընդունիլ, ոչ Ներսէսի եւ աչ ալ Վարլաամի ձեռքէն, եւ հարկ եղաւ Ռըտիշչեվի իշխանական հրամանով ընդունիլ տալ: Ասով մէկտէղ Դարչի տակաւին չկակղցաւ, մինչեւ իսկ մերժեց Ներսէսի ողջոյնը, երբ պատահմամբ անոր հանդիպեցաւ Յովսէփ Բեհբութեանի տունը, եւ զայն յետս մղեց ըսելով, Աստուած սիրես, վարդապետ, գնա քո բանից կաց, եւ պատուհանէն սանդուխով իջաւ, որ առաջնորդին երեսը չտեսնէ (ԵՐՑ. Ա. 129):

2346. ԽՆԴԻՐԻ ՓԱԿՈՒՄԸ

Տփղիսի առաջնորդ Ներսէսի եւ Բեհբութեան Դարչի իշխանի միջեւ յուզուած խնդիրը այնչափ աճեցաւ, որ ոստիկանութեան մտադրութիւնն ալ շարժեց, Պետրբուրգի նախարարութեան ուշադրութիւնն ալ գրաւեց, եւ պաշտօնական քննութիւն բանալու պէտքը զգացուեցաւ: Հրամանը Գօլիցին նախարարէն եկաւ, իսկ գործադրութիւնը վիճակեցաւ զօրավար Ալեքսէյ Պետրովիչ Երմոլովի, որ այս միջոցին Ռըտիշչեվի տեղ կուսակալ էր անուանուած: Յատուկ յանձնաժողով մը կազմուեցաւ զօրավար Կուտուզովի նախագահութեամբ, եւ 1817 փետրուար 23-ին հարցափորձեր սկսան: Ներսէսի դէմ բողոքագիրը ստորագրողներ, 77 իշխանազուններ ու ազնուականներ, մի առ մի հարցաքննութեան ենթարկուեցան տասն օր շարունակ, ինչ որ ամէնքը ահուդողի մատնեց, յիշելով որ 1811-ին նմանօրինակ հարցաքննութեան մը հետեւանքով շատեր աքսորի եւ բանտարկութեան դատապարտուած էին: Նոյն ինքն Ներսէս ալ մտահոգութեան մատնուեցաւ կասկածելով որ չլինի թէ իւր պատճառով այնքան բազմաթիւ անձանց վտանգ գայ. ուստի պէտք եղած դիմումներն ըրաւ յանձնաժողովին եւ կուսակալին մօտ, որ գործը դիւրին վերջ մը ունենայ: Իրօք ալ պետական տեսակէտէն ոչ մի բան երեւան բերուեցաւ, զի ամէնքն ալ պետական բարեկարգութեանց յանձնառութիւն յայտնեցին, շատեր բողոքագրի պարունակութեան անգիտակ ձեւացան, ամենէն համարձակները իբր պատրուակ ցուցուցին, թէ բազմիցս ըստ նոցա ցանկութեան առաջնորդներ են փոխուած: Յանձնաժողովն եզրակացուց թէ աւելի ներքին շփոթ կացութեան հետեւանք է եղածը, եւ պէտք տեսաւ աշխարհականներուն միջամտութեան իրաւունքները ճշդել: Ըստ այսմ տեղեկագրեց կուսակալութեան մարտ 9-ին եւ կուսակալութիւնն ալ նախարարութեան եւ անոր հաստատութեամբ հետեւեալ կանոնները սահմանուեցան. 1. Աշխարհականներ իրաւունք չունին խառնուելու քահանայից կարգադրութեան, եւ ուրիշ հոգեւոր վարչութեան գործերուն: 2. Հասարակութեան կողմէ այլ եւս հանրագրութիւններ պիտի չկազմուին, այլ գանգատ ունեցողը ինքն իր գործին համար պիտի բողոքէ: 3. Դարչիի եւ համախոհներուն անվայել լեզուով կազմած գանգատագիրը, այս անգամ առանց պատիժի կը թողուի, առաջուընէ որոշում մը հրատարակուած չըլլալուն համար, բայց ապագային այդ տեսակ գործեր պիտի ենթարկուին օրինաց խստապահանջութեան: Այդ կանոնները գիրի առնելով բողոքողներուն ներկայացուեցան, անոնք անհակառակ ստորագրեցին 1817 ապրիլ 16-ին, իրենց գլուխն ունենալով Բեհբութեան ընտանիքէն, Յովսէփ, Դարչի, Արսէն, Աբիսողոմ, եւ Մելիքզադ իշխանազունները (ԵՐՑ. Ա. 134): Խնդիրին այսչափով փակուիլը ընդհանուր գոհունակութիւն պատճառեց, եւ սիրտերն ալ Ներսէսի մօտեցուց, տեսնելով որ իր թելադրութիւններով եւ վկայութիւններով մեծապէս օգնած էր բողոքներուն, եւ պաշտօնապէս ալ գրած էր յանձնաժողովի նախագահին, թէ անպատում գոհունակութեամբ պիտի տեսնէ գործին առանց խստագոյն ինչ վրէժխնդրութեանց վերջանալը (ԵՐՑ. Ա. 135):

2347. ԶԱՔԱՐԻԱ ԳՈՒԼԱՍՊԵԱՆ

Խստութեան միակ գործն եղաւ Զաքարիա Գուլասպեան վարդապետը Տփղիսէ հեռացնելը, որ Բեհբութեան ալ կը կոչէ զինքը (ՎԷՊ. ), Յովսէփ Բեհբութեանի քեռորդին ըլլալուն համար (ԵՐՑ. Ա. 135): Գուլասպեանը Կարբեցիին թելադրութեամբ եւ տկարութեան պատրուակով` առժամեայ կերպով Տփղիս եկած, եւ Բեհբութեանց մօտ իջեւանած, բողոքողներուն գրութիւնները պատրաստողն էր, եւ Ներսէս անհրաժեշտ դատեց զայն կուսակալին ձեռքով Էջմիածին վերադարձնել (ԵՐՑ. Ա. 136): Գուլասպեան բնիկ Տփղիսեցի, Կ. Պոլիս էր գացած երիտասարդութեան ատեն, եւ այնտեղ Գարագօչ Պօղոս եպիսկոպոսի աշակերտած, եւ անոր ձեռնադրութեամբ վարդապետութեան բարձրացած, Պրուսայի առաջնորդութեան միջոցին, ինչպէս կը քաղուի Արմաշի տաճարին սպասուց կարգին նշանակուած, երկու միջակ ծանրագին վարպետաւոր խաչերու յիշատակագրութենէն, որոնք էին ի Պրուսա շինեցուցեալ ձեռամբ Թիֆլիզեցի Զաքարիա վարդապետին (ԱՐՄ. ): Զաքարիայի անունը Արմաշու միաբաններուն շարքին մէջ ալ կը յիշուի, ուր եկած պէտք է ըլլայ Գարագօչեանի հետ, երբ սա 1810-ին Արմաշու եւ Նիկոմիդիոյ առաջնորդ անուանուեցաւ: Բայց այնտեղ երկար մնացած եւ աշխատած պիտի չըլլայ, զի Արմաշի վերաշինութիւնը տեղի ունեցաւ 1820-ին, մինչ 1817-ին Զաքարիա կանուխէն Էջմիածին դարձած, եւ Կարբեցիին խորհրդակից եւ գործակից կը գտնուի: Անկէ ետքն է որ պետական հրամանով Տփղիսէ Էջմիածին կը վերադարձուի: Մայրաթոռի մէջ նշանաւոր գործունէութեան մը վրայ չենք տեսնար զինքը, գուցէ Կարբեցիին հետ ալ գժտած է, եւ զօգուտ անձին խորհելով, կամակար յօժարութեամբ Սեւան կը քաշուի, իբր ի խաղաղ նաւահանգիստ: Այս առթիւ 1825-ին կը պատրաստէ Վէպ ծովակին Գեղամայ համառօտ պատմութիւնը (ՎԷՊ. 3), սակայն կը յիշէ ուրիշ չորս գործեր ալ գրած ըլլալը, հաւանաբար Սեւանի առանձնութեան մէջ, որք են` 1. Հայելի Ուղղափառութեան, 2. Ցուցակ Դաւանութեան, 3. Ունակ քարոզից. 4. Երգարան երգոց (ՎԷՊ. 4), զորս տեսած չենք, սակայն անունները նպաստաւոր գաղափար կու տան: Անոնց լեզուն ալ կոկիկ եղած պիտի ճանչնանք, չափելով փոքրիկ վէպին մաքուր եւ կանոնաւոր գրաբար գրութենէն: Գուլասպեանի կեանքին մնացուածին եւ վախճանին վրայ առաջիկային պատեհ պիտի ունենանք վերադառնալու, եւ եպիսկոպոսութեան ալ բարձրացած պիտի տեսնենք:

2348. ԱԲՐԱՀԱՄԻ ԸՆԹԱՑՔԸ

Ժամանակագրական պահանջին հետեւիլ մեզի կանոն ըրած ըլլալով, դարձեալ Էջմիածինէ կը դառնանք Կ. Պոլսոյ կացութիւնը պատմելու: Աբրահամ Գօլեանի պատրիարքութեան բարձրանալը յիշած էինք, աւելցնելով իսկոյն իր դիրքին խախտուած ըլլալը 2338): Գօլեան պաշտօնին բարձրութեան համապատասխան ձիրքեր չցուցուց, եւ դիրքը ամրացնելու համար սկսաւ յեղյեղուկ քաղաքականութեան հետեւիլ, եւ ասով աւելի եւս վնասեց իրեն, հետզհետէ վարկը կորսնցուց, այնպէս որ մեծամեծներ յաջորդին մասին մտածելու սկսան: Այս դիտմամբ էր որ 1814-ին իրենց ընծայագիրով Էջմիածին ղրկեցին Երուսաղէմի փոխանորդ Ադրիանուպոլսեցի Պօղոս Գրիգորեան վարդապետը` եպիսկոպոսանալու համար, որպէսզի պատրաստ պատրիարքցու մը ունենան (ՊԷՐ. 77): Գօլեան կարծեց իշխանաբար վարմունքով ազդեցութիւն աւելցնել, ուստի բարկացող եւ հակառակող, երկպառակութիւն ցանող եւ դրամ հաւաքող անձ մը դարձաւ, բայց այս կերպով ալ աւելի վարկաբեկ եղաւ: Տեսնելով որ իրեն դէմ եղող մեծամեծներ, հակակաթոլիկեան գլխաւորներէն էին, որոնց կ՚առաջնորդէին Կարապետ Ազնաւորեան եւ Յովհաննէս Երկանեան ամիրաները, մտածեց կաթոլիկամիտներու խումբը իրեն կողմնակից կազմել, որոնց գլխաւորն էր Գրիգոր Տիւզեան ամիրան: Մտածեց վերցնել տալ Ով հրաշալի շարականին վերջին երեք յաւելուածական, այսինքն Քաղկեդոնի եւ Լեւոնի նզովքները պարունակող տուները, որ հռոմէականներուն սիրտին դպած կէտերուն գլխաւորն էր, եւ կարծեց անով իրեն պաշտպաններ կազմել: Գրիգոր Փէշտիմալճեան պատուելիին հետ խորհրդակցեցաւ, եւ հնագոյն գրչագիրներ գտնելու հետեւեցաւ, որոնց մէջ յիշեալ տուները չգտնուին: Բարեբախտաբար Տատեան Առաքել ամիրային մօտէն գտան ՉԾԱ=1302-ին, Գրիգոր Անաւարզեցիի եւ Հեթում երկրորդի օրով, գրուած շարական մը, որ Խորեվ անապատի միաբան Թովմաս աբեղայէ մը գրուած էր (ՊԷՐ. 75): Խորեվ անունով անապատ մը ուրիշ կողմէ ծանօթ չլինելուն, կը կարծենք թէ շարականին գրող Թովմասը Կիլիկիոյ Խորին անապատի (ՍԻՍ. 334) միաբան եղած ըլլայ: Գօլեան հրամայեց այդ գրչագիրին վրայ շարականի նոր օրինակ մը կազմել, եւ Արապեան Պօղոսի տպագրութեամբ հրատարակելու եւ ցրուելու ձեռնարկել: Երբ դիտողութիւններ սկսան, Գօլեան իր գիտակցութիւնն ու գործակցութիւնն ուրացաւ, հակառակ պատրաստողին եւ տպագրողին յայտնի վկայութեանց, եւ մինչեւ իսկ Փէշտիմալճեանը բանտարկեց աքսորելու սպառնալիքով: Պատուելին Տիւզեանի պաշտպանութեան դիմեց, նա ալ Ազնաւորեանի եւ Երկանեանի միջնորդութիւնը խնդրեց. Փէշտիմալճեան ազատեցաւ, բայց Գօլեան փոխանակ կաթոլիկամիտները շահելու, անոնց համակրութիւնն ալ կորսնցուց: Երուսաղէմի փոխանորդին եպիսկոպոսանալէն խրտչելով, սկսաւ Երուսաղէմի միաբաններուն վրայ ծանրանալ, զոմանս աքսորեաց եւ զոմանս արգել, եւ Գրիգոր վարդապետ մը կարգալոյծ հռչակեց: Խիղճը նախորդ պատրիարք Յովհաննէսի պաշտպանութիւնը խնդրեց, նա ալ Յարութիւն Պէզճեան ազնուականը պատրիարքին ղրկեց, յորդորելով ետ առնուլ Գրիգորի համար տուած վճիռը, եւ դադրեցնել Երուսաղէմացւոց դէմ խստութիւնները, որոնք պարզապէս քմահաճ կիրքի արդիւնք էին: Բայց Գօլեան մեծութիւն սեպեց չզիջանիլ, մինչեւ իսկ Պէզճեանը նախատելով ետ դարձուց (ՊԷՐ. 77):

2349. ԱԲՐԱՀԱՄ ՊԱՇՏՕՆԱՆԿ

Սակայն չզիջանիլն ալ Աբրահամի վնասակար դարձաւ, Պէզճեանը մերժած ատեն արտասանած էր, ի բաց յինէն դեսպան հերձուածողաց խօսքերը, իբր զի Պէզճեան փողերանոցի պաշտօնեայ էր, որուն վարիչն էր Տիւզեան Գրիգոր ամիրան: Պատրիարքին այդ խօսքերը Տիւզեանն ալ վիրաւորեցին, որ Ազնաւորեանի եւ ընկերաց հետ միացաւ Գօլեանը իջեցուցանել յաթոռոյ: Նոյն օրեր, 1814 յուլիս 4-ին, մեծահանդէս կատարուած էր Քատըքէօյի, հին Քաղկեդոնի, Ս. Թագաւոր նորաշէն եկեղեցւոյն օծումը, մինչ եօթը տարիէ ի վեր աւերակ կը մնար Բերայի Ս. Երրորդութիւն հրկիզեալ եկեղեցին 2306): Բերացիք պատրիարքին դիմեցին բողոքարկելու շեշտով, իսկ սա պահանջեց զհազար քսակս ոսկւոյ, զի հրաման ստանայ նորոգել զեկեղեցին (ՊԷՐ. 77): Բերացիք զայրացած կը մտածեն հանրութեամբ սուլտանին դիմել արտօնութիւն ստանալու, իսկ Գօլեանէ ձանձրացողներ, Տիւզեան եւ Ազնաւորեան եւ այլք, պատրիարքի դէմ գանգատի եւ անոր անկումը պահանջող խնդրագիր մը կու տան ժողովուրդին ձեռքը: Այս խնդրագիրը կը մատուցուի կայսեր 1815 նոյեմբեր 26-ին ուրբաթի աղօթքին առթիւ: Իսկոյն կ՚ելլէ պատրիարքի պաշտօնանկութեան կայսերական հրամանը, ինչ որ կը ցուցնէ թէ կառավարական շրջանակներէն ալ իրեն համակիր չէին: Նոյեմբեր 29-ին, երկուշաբթի օր, Աբրահամի պաշտօնէ իյնալուն հրամանը պատրիարքարան կը հաղորդուի: Աբրահամի բարեկամներէն խլրտողներ կ՚ըլլան, խնդրագիրին խարդախուած ըլլալը մէջտէղ դնելով, բայց արդիւնք չունենար: Դեկտեմբեր 1-ին նոր պատրիարքի ընտրութիւնը կը կատարուի եւ 3-ին Պօղոս եպիսկոպոս Գրիգորեան Ադրիանուպոլսեցի պատրիարք կը հաստատուի. եւ Աբրահամ Գօլեան Քատըքէօյ կը փոխադրուի, անկէ Մէրզիֆուն կամ Մարսըւան երթալու համար առաջնորդական անունով: Այսպէս վերջացաւ Աբրահամ Գօլեանի երկուքուկէս տարուան պատրիարքութիւնը, ոչ մի հետք չթողլով իր ետեւէն:

2350. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷԶՃԵԱՆ

Այս առաջին անգամ գործի վրայ կը տեսնենք Յարութիւն Պէզճեան ամիրան, որ առաջիկային նշանաւոր եւ արդիւնաշատ դեր վարած է Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան գործերուն մէջ, եւ ի դէպ կը կարծենք անոր նախընթացը պատմել: Յարութիւնի հայրն է մահտեսի Պօղոս, բնիկ Կարսեցի, որ 1769 տարւոյ զօրաժողովին խաժամուժէն վնասուելով կարօտութեան կ՚ենթարկուի, եւ իբր դարման Կ. Պոլիս կը փոխադրուի: Այստեղ իրեն ձեռնտու կ՚ըլլայ Կարսեցի Կարապետ մը Մայրեկեղեցւոյ Յակոբ քահանայի փեսայ, արհեստով կտաւագործ եւ Կէտիկ բաշա թաղի բնակիչ: Պօղոս կը շահուի Կարապետի գործած կտաւներուն շրջուն առեւտուրովը, եւ աւելի մտերմանալով կ՚ամուսնանայ Կարապետի դստեր եւ Յակոբ քահանայի թոռան Վառվառէի հետ: Կտաւի առեւտուրէն կը ծագի պէզճի Պօղոս կոչումը եւ անկէ Պէզճեան մականունը: Պօղոս համեստ դիրք մը կազմելով, առանձին բնակութիւն կը հաստատէ Եէնիքաբու թաղը, եւ հոն կը ծնի իր անդրանիկը 1771 ապրիլ 10-ին, զոր կը կոչէ Յարութիւն, զի Յինանց սկիզբները տեղի ունեցած էր ծնունդը, եւ զատիկը հանդիպած էր մարտ 27-ին: Յարութիւն միայն երկու քոյրեր ունեցած է, Մարիամ եւ Համասփիւռ, իսկ եղբայրը ոչ: Մանկութեան ատեն աշակերտած է նոր բացուած Մայրեկեղեցւոյ վարժարանին, բայց հազիւ 12 տարեկան, շուկայ հանուած, եւ աշակերտ դրուած է երիզագործի մը մօտ, ուսկից Գազէզ կոչումը: Տասներկու տարիներ արհեստին հետեւելով կը յաջողի 1785-ին առանձին կրպակ բանայ, եւ յառաջադէմ եւ վստահելի վարպետ համարուիլ: Երբոր Յովհաննէս Տիւզեան 1802-ին մետաքսի մաքսը կը վարձէ, այսինքն կապալով կը վերցնէ, այդ ճիւղին համար յատուկ գրասենեակ կը բանալ, եւ Յարութիւնը յառաջ կը կոչէ իբրեւ կարող եւ վստահելի մետաքսագործ արհեստաւոր, եւ գրասենեակին գլխաւոր կը կարգէ: Յարութիւն այդ դիրքին մէջ համբաւ եւ արդիւնք շատցուց, ընդարձակ բնակութիւն հաստատեց Գումքաբու թաղը, քոյրերը ամուսնացուց, Մարիամը Նուրեան Յովհաննէսի եւ Համասփիւռը Մերկերեան Գէորգի հետ, եւ փեսաներուն հետ ընկերակցութեամբ ընտիր բեհեզներու եւ մետաքսեղէններու առեւտուր ալ բացաւ: Յարութիւն Պէզճեանի եւ Յովհաննէս Տիւզեանի յարաբերութիւնները միշտ աճելու վրայ էին, երբ վերահաս պարագայ մը զայն եւս քան զեւս հաստատեց: Սուլթան Սէլիմի անկման առթիւ 1807-ին ծագած ապստամբութեան գլուխները, ոչ-մահմետականներէն ալ իրենց կիրքին զոհեր ուզեցին, եւ յերիւրածոյ պատճառներով մահուան դատապարտուեցան, Յարութիւն Նորատունկեան հացագործ, Յովհաննէս Տիւզեան ոսկերիչ, Թոտորաքի յոյն գինեվաճառ, եւ Մուսի հրեայ վաճառական, չորսն ալ պետութեան հետ գործ ունեցողներ: Յարութիւն հազիւ թէ այդ լուրը կ՚առնէ, Յովհաննէս Նուրեանի հետ ապստամբներուն գլխաւոր Գազանճի հաճի Մուսթաֆայի կը դիմէ, որուն հետ առեւտրական յարաբերութիւններ ունէին, եւ այնչափ կը թախանձէ եւ կը ժտէ, որ ապստամբապետը կը զիջանի եւ ընկերներն ալ կը համոզէ, եւ չորսին դատապարտութիւններն ալ կը ջնջուին: Այնուհետեւ Տիւզեան, ոչ միայն գործերուն, այլեւ կեանքին կապովը Յարութիւնի անձնանուէր կը դառնայ, եւ զայն իր վեց զաւակներուն հետ իբր եօթներորդ կը նկատէ (ՊԷԶ. 9-16): Այսպէս Յարութիւնի դիրքը օրըստօրէ բարձրացաւ, եւ շահերը ընդարձակուեցան, որով կրցաւ բարերարութեանց ալ ձեռնարկել, որոնք մինչեւ հիմա անմոռաց կը յիշուին: Այդ միջոցներուն էր որ Աբրահամ պատրիարք անարգանօք զինքն կը մերժէր 2348), բայց անով իր մերժուելուն դուռ կը բանար: Իսկ Պօղոսի պատրիարքութեան ատեն, արդէն Պէզճեանի դիրքը իւր գագաթնակէտը գտած էր:

2351. ՊՕՂՈՍԻ ՆԱԽԸՆԹԱՑԸ

Պօղոս պատրիարքին դառնալով կը տեսնենք, որ որչափ մեծ եղած էր Աբրահամի մասին յուսախաբութիւնը, այնչափ եւ աւելի մեծ էր Պօղոսի վրայ յուսադրութիւնը, որուն գործունէութեան ասպարէզը կ՚ընդարձակուէր: Այս առթիւ կարեւոր կը սեպենք ինչ ինչ հետաքրքրական տեղեկութիւններ տալ անոր անձին նկատմամբ ալ: Պօղոսի ծննդեան տարին որոշակի յիշուած չէ, այլ 1853-ին իննսնամեայ վախճանած ըսուելէն (ՊԷՐ. 578. ԱՍՏ. Բ. 539), կրնանք ծնունդը դնել 1763-ին, Ադրիանուպոլիս քաղաքը: Ծագումը եղած է հասարակ դասակարգէ, որով կանուխէն ապրուստի պէտքին հետեւած է, եւ մինչեւ 28 տարեկան ըլլալը (ՍԱՒ. 1295) որ է ըսել մինչեւ 1790, անմասն մնացած է ամենէն տարրական ուսումէ ալ, նոյնիսկ մայրենի լեզուն խօսելէ, եւ հետեւած է հասարակ դերձակութեան արհեստին: Անկէ ետքը միայն սրտին մէջ արթնացած է ուսման փափաքը, եւ դիմած է Երուսաղէմի վանքը, եւ սպասաւոր մտած հայրենակից վարդապետի մը մօտ, որ փոխանակ անոր բաղձանքը մշակելու, պաղեցնելու միջոցներ է գործածած, մինչեւ որ Պօղոս, որ ծածուկ ինքնօգնութեամբ պարզ ընթերցանութեան կը հետեւէր, պարտաւորուած է Կ. Պոլիս դառնալ (ՍԱՒ. 1297): Այստեղ դռնապան կը մտնէ Խիւտավէրտի վարժապետին դպրոցը, եւ անոր պաշտպանութեան արժանանալով, ոչ սակաւ կը յառաջէ հայերէնի մէջ: Իր մեծ դիտումն էր Ս. Գրոց խրատներն ու խորհուրդները մատչելի ընել տաճկախօս ազգայիններու, եւ այս միտքով Երուսաղէմ կը դառնայ, ուր նպատակին համար կ՚օգտուի: Արաբերէնը զարգացնելու համար Եգիպտոս կ՚անցնի, եւ պարսկերէնի փափաքով Պաղտատ կ՚երթայ, միշտ արհեստովը վաստակելով, եւ վաստակածը ուսման ծախսելով: Պաղտատի մէջ ինքզինքը կը ծածկէ, եւ Եուսուֆ անուն մահմետական արհեստապետին քով կը մտնէ, եւ զարգացումով ու ճարտարութեամբ անոր համակրութիւնը կը գրաւէ: Հիւանդութեան եւ այլ պատճառանքներով ուրբաթի աղօթքներէն կը խուսափէ, բայց երբ համակրանքը մինչեւ փեսայացնելու կը հասնի, կը պարտաւորուի Հայոց եկեղեցին դիմել, ինքզինքը ճանչցնել, եւ ազգայնոց պաշտպանութեամբ քաղաքէն խոյս տալ, եւ երրորդ անգամ Երուսաղէմ գալ, Յովակիմի պատրիարքութեան վերջին օրերը, որ է ըսել 1793 ամառուան ամիսներուն: Երուսաղէմի մէջ արժանիքի յիշատակ չէր թողած դէմքով ու տեսքով ալ խոստմնալից կերպարան չունէր, կ՚ըսուի. ուստի Ս. Գերեզմանի սպասաւորութեան կը դրուի, մինչ ինքը պարապ ժամերը օգտակար կ՚ընէր Ս. Գրոց ուսումասիրութեան եւ մեկնութեան: Հարկաւ միաբանութիւնն ալ սկսած էր զգալ Պօղոսի արժանիքը, որ քիչ ետքը սարկաւագութեան, եւ 1707-ին աբեղայութեան կը բարձրացնէ Պետրոս պատրիարքի ձեռնադրութեամբ (ՍԱՒ. 1302):

2352. ՊՕՂՈՍԻ ԱՐԺԱՆԻՔԸ

Աբեղայութեան մէջ ալ համեստ եւ քաշուած ընթացք պահած է Պօղոս, մինչեւ իսկ չհամարձակելով դասին մէջ կանգնիլ վարդապետաց կարգին, կամ աչքառու պաշտօնավարութեանց միջամտել, բայց միշտ զարգացման եւ ուսումնասիրութեան հետամտելով գլխաւորապէս Ս. Գրոց եւ կրօնական խնդրոց շրջանակին մէջ: Սովորութիւն է Երուսաղէմի մէջ, նոր հասնող ուխտաւորները արարողութեամբ ընդունիլ Գլխադիրի մատուռը, պատշաճ խրատաբանութեամբ եւ կարեւորաց բացատրութեամբ: Անգամ մը հանդիպմամբ այդ պաշտօնը Պօղոսի կը յանձնուի, որ իր ատենաբանութեամբ կը հիացնէ բոլոր միաբանութիւնը, եւ Պետրոս պատրիարքն ալ, որ վրայ կը հասնի: Ժամերգութեան վերջը պատրիարքէն կը կոչուի, եւ երբ ինքն յանդիմանութիւն կը կարծէր լսել, ծաղկեայ փիլոնով կը վարձատրուի, եւ պատրիարքարան քարտուղար կ՚անուանուի, եւ օրէ օր կարող եւ բանիբուն անձի հռչակ կը ստանայ: Տակաւին գրեթէ նորընծայ էր, երբ 1801-ին նուիրակութեան ընտրուեցաւ, որ յառաջացեալ միաբաններու յատուկ պաշտօն էր, եւ իրեն յանձնուեցաւ Զմիւռնիոյ շրջանակը Պրուսայով եւ Կուտինայով մէկտեղ (ՍԱՒ. 1304): Երբոր 1806-ին Յունաց հետ խնդիրները աճեցան, Թէոդորոս պատրիարքէ հրաման ստացաւ Կ. Պոլիս անցնիլ եւ փոխանորդ Յակոբ եպիսկոպոսի օժանդակել 2314), ուսկից նորէն նուիրակութեան դարձաւ: Ս. Յարութեան հրդեհէն ետքը, երբոր Երուսաղէմի խնդիրները զօրացան, Պօղոս իբր կարողագոյն անձ Կ. Պոլսոյ փոխանորդութեան կոչուեցաւ 1809-ին 2317): Իսկ այդ պաշտօնին մէջ կատարածները արդէն պատմեցինք (§Ճ 2317-2320), մինչեւ որ իբր ապագայ պատրիարքցու Կ. Պոլսեցւոց առաջարկութեամբ եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ 1814-ին 2347), եւ վերջապէս պատրիարքութեան բարձրացաւ 2348): Պօղոս մեծ տպաւորութիւն գործեց ժողովուրդին վրայ 1815 դեկտեմբեր 3-ին, իր առաջին ատենաբանութեամբը, զոր ըրաւ Բարձրագոյն դուռնէն պատրիարքարան եկած օրը (ՊԷՐ. 80): Աւելի մեծ խոհականութիւն ցուցուց պատրիարքական իշխանութեան հաստատութիւն տալու առաջարկներովը, որպէսզի մէկ կամ քանի մը ամիրայի ազդեցութեամբ գահընկէցութիւն կամ ընտրութիւն չըլլայ, այլ ամենայն ինչ ամիրաներէ եւ արհեստապետներէ կազմուած ժողովով կատարուի, դժգոհութեան պահուն այն ժողովէն ազդարարութիւն ըլլայ պատրիարքին, եւ նա ալ հրաժարի եւ քաշուի, եւ մասնաւորներու ազդեցութեան տեղի չտրուի: Առաջարկները ընդունուեցան եւ պատրիարքական հրովարտակն ալ 1816 յունուար 16-ին ստացուեցաւ (ՍԱՒ. 1138):

2353. ՏԱՏԵԱՆ ԳԵՐԴԱՍՏԱՆ

Կ. Պոլսոյ ազգային գործերուն վրայ խօսուած ատեն, շատ մը անուններ կը յիշուին, որոնք ամիրայական տուներու կը պատկանին: Դժբախտ պարագաներ միշտ կարճատեւ ըրած են այս տուներուն կեանքը, այնպէս որ շարունակ նոր անուններ երեւան կու գան, եւ առաջիններ հետզհետէ կ՚աներեւութանան: Այս է պատճառը որ անոնցմով յատկապէս զբաղելու պէտք չենք զգար, եւ այստեղ բացառաբար երկու գերդաստաններու վրայ համառօտ ակնարկ մը բաւական կը սեպենք, որոնք աւելի երկար տեւողութիւն ունեցան, եւ աւելի ալ արդիւնաւոր եղան: Ասոնց առաջինն է Տատեանց տունը, որու ազգաբանութիւնը Պօղոս եպիսկոպոս, 1742-ին Ակնայ առաջնորդ, մինչեւ ԺԴ. դարուն սկիզբները կը բարձրացնէ, հետեւելով հետազօտեալ հնութեանց, եւ քաղելով ի դիւանագրութենէ եկեղեցիներու, թէպէտ յայտնի չեն յիշուած աղբիւրները: Այս տեղեկութեանց համեմատ Պերոզ ոմն իշխան ի սերնդոցն Սենեքերիմայ Արծրունեաց, 1350-ին ատենները Սեբաստիայէ Ակն կը գաղթէ, եւ իր Միհրդատ զաւակէն կը սկսի Ակնայ մէջ Պեռեանց տունը, իբր Պերոզեան անունին համառօտութիւն: Մենք Սեբաստիոյ Արծրունիներուն յիշատակութիւնը ըրինք մինչեւ 1079 895), երբ դեռ կենդանի էին Ատոմ եւ Աբու ահլ, որոնք հարկաւ սերունդ ալ թողուցին, սակայն Պօղոս եպիսկոպոսի յիշատակարանը բացատրութիւն չի տար 1079-է մինչեւ 1350 պահուած ազգաբանութեան վրայ, եւ ինքն իսկ կ՚երկբայի ուղիղ սենեքերիմեան սերունդ լինելուն, եւ վերջէն կ՚աւելցնէ, թէ է սերունդ մեծի, կամ թագաւորաց եւ կամ անկարծիք նոցին նախարարաց: Պերոզէ իններորդ ծնունդ` Յարութիւն Պեռեանց, Եփրատի վրայ կամուրջ մը շինելու կը ձեռնարկէ, գործ զարմանալի հիւսուածոյ ագուցիկ փայտից, բայց Ակնայ այլազգի մեծամեծներուն նախանձէն վախնալով Կամարակապ գիւղը կը փոխադրուի, շուրջ 1650-ին եւ այստեղ Պեռեանց տունը Տատեանց անունը կ՚առնէ Յարութիւնի մեծպապ Տատ Առաքելի անունէն, անուն մը որ որդւոյն վրայ ալ կրկնուած է: Տատ անունին ծագումը կրնայ Աստուածատուրի կրճատում առնուիլ, բայց անհաւանական չենք գտներ, հանրութեան համար հայրապատիւ անձ մը եղած, եւ ամենէն Պարոն Տատ կամ Տատ Առաքել կոչուած կարծել: Այդ Տատ Առաքելի թոռն է դարձեալ Տատ Առաքել, 1757-ին ծնած Կամարակապի մէջ, որուն համար Պօղոս եպիսկոպոս 1762-ին գրելով կ՚ըսէ, թէ դեռ հինգամեայ, տեսանի ի յինքեան ձիրք իմն զարմանալի ուշիմութեանց (ՊՕՂ. ): Այս Տատ Առաքելն է, որ երիտասարդութեան Կ. Պոլիս փոխադրուելով, եւ հնարագէտ ճարտարութեանց հետամուտ ըլլալով, վառօդաշինութեան արհեստին կը հետեւի, եւ երբ Սուլթան Սէլիմ Գ., 1789-ին գահ բարձրացած, կ՚ուզէ պետական գործունէութեան նոր զարկ տալ, Տատ Առաքել կամ Առաքել Տատեան ամիրայն կը նշանակէ Արքունի վառօդապետ Օսմանեան պետութեան (ՏԱՏ. 1): Տատ Առաքել ազգային շրջանակներուն մէջ ալ առաջնակարգ դիրք ստացած էր, ինչպէս քանի անգամներ յիշեցինք 2318), եւ նոյն իսկ իբրեւ լեզուագէտ եւ հմուտ անձ ճանչցուած ըլլալն ալ ակնարկեցինք, քանի որ գրական եւ ուսումնական խնդիրներու համար իրեն դիմումներ կ՚ըլլային 2322), եւ վերջին անգամ գրչագիր շարականին ալ իր մօտ գտնուիլը 2348), միեւնոյնը կը հաստատէ: Որոշ չենք գտած Առաքել ամիրայի մահուան թուականը, իսկ գրչագիր շարականին գտնուիլը 1814-ին կը դրուի (ՊԷՐ. 75), մինչ ուրիշ կողմէ 1814 փետրուար 15-ին, արդէն Առաքելի երէց որդին Սիմոն` վառօդապետութեան մէջ հօրը յաջորդած կը ցուցուի (ՏԱՏ. 1), որով յարմարագոյն պիտի ըլլայ շարականի խնդիրը 1813-ին տանիլ, Գօլեանի ընտրութենէն քանի մը ամիս ետքը, որ տեղի ունեցած էր 1813 մայիսին 2337):

2354. ՏԻՒԶԵԱՆ ԳԵՐԴԱՍՏԱՆ

Միւս նշանաւոր գերդաստանը եղած է Տիւզեան ազգատոհմը, որուն նախահայրը կը յիշուի Սեբաստացի Յարութիւնը, որ շուրջ 1600-ին Կ. Պոլիս կու գայ, եւ ոսկերչութեան արհեստին մէջ յառաջանալով արքունի ոսկերչապետ կ՚անուանուի (ՄԷՆ. 6): Իսկ Տիւզ մակդիրը, ոմանք Յարութիւնի որդւոյն Սարգիսի ուղղաբերձ հասակէն կ՚առնեն (ՄԷՆ. 10), իսկ սովորական աւանդութիւնը նոյն Սարգիսի ուղղամիտ եւ արդարակշիռ գործառնութենէն յառաջ եկած կը կարծէ (ԴԱՄ. 7): Տիւզեանք Կ. Պոլսոյ մէջ կաթոլիկամիտ կուսակցութեան կը սկսին յարիլ, սակայն ձրի կարծիք մըն է Սեբաստացի Յարութիւնը` 1600-էն առաջ կաթողիկեայ հայազգի (ՄԷՆ. 6), այսինքն կաթոլիկ կարծել, երբ տակաւին այդ անունը եւ այդ կուսակցութիւնը լսուած իսկ չէր: Առաջին անգամ կը տեսնենք Յովհաննէս Տիւզեանը` իբրեւ կաթոլիկութեան յարող գլխաւորներէն մին, 1809-ին Յովհաննէս պատրիարքէ բանակցութեան հրաւիրուած 2317). բայց այս Յովհաննէս թոռն էր առաջին Յարութիւնի թոռ Յովհաննէսին, եւ 200 տարիով հեռու էր Տիւզեանց նախահօրէն: Արքունի ոսկերչութիւնը ժառանգական մնաց Տիւզեանց ազգատոհմին մէջ, թէպէտ զանազան կողմերէ հակառակութեանց հանդիպեցաւ: Բայց ժառանգական յաջորդութիւնը ընդունուած էր Օսմանեան կառավարութեան մէջ նոյն իսկ արհեստական պաշտօններու համար, ինչպէս եղաւ վառօդապետութիւնն ալ Տատեանց, եւ ճարտարապետութիւնն ալ Պալեանց ազգատոհմերուն մէջ: Ոսկերչապետութեան յարակից էր փողերանոցի տեսչութիւնն ալ, բայց երբ Յովհաննէս մեռաւ 1812 ապրիլ 9-ին, երկու պաշտօնները բաժնուեցան եւ տրուեցան իր երկու երիցագոյն զաւակներուն. Սարգիս ոսկերչապետ, իսկ Գրիգոր փողերապետ կամ փողերանոցի վարիչ անուանուեցան (ՄԷՆ. 26), ինչպէս զինքն այդ պաշտօնին վրայ յիշեցինք Գօլեանի պատրիարքութենէ հանուելուն առթիւ 2349): Տիւզեանց ազգատոհմը այլեւս գլուխ կանգնած կը տեսնենք կաթոլիկութեան հակամէտ կուսակցութեան, եւ իր ազդեցութեամբ եւ նիւթական միջոցներով անոր պաշտպան եղած: Միայն թէ պատմական ճշդութեան համար պիտի յայտարարենք, թէ Տիւզեանք երբեք չուզեցին ծառայել կատարեալ, թունդ, լատինասէր եւ մոլեռանդ ճիւղին, այլ միշտ գտնուեցան ազգայնական կաթոլիկ ուղղութեան վրայ, եթէ օրէն է այդ բացատրութիւնը գործածել Վենետիկի Մխիթարեաններուն 2109) հետեւած ոճին, այսինքն կաթոլիկութեան վրայ պատուաստուած հայութիւն մը կազմելու միտքին, որուն պաշտպանութեան դերը կը վարէր Յովհաննէս Սեղբոսեան 2166):

2355. ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՄԻՏՈՒՄ

Հրապուրիչ եւ գեղատեսեալ կերպարանով կը ներկայանար կաթոլիկամիտներու խնդիրը, իբր զի մէկ կողմէ Արեւմուտքի հետ յարաբերութիւններ կ՚ընդարձակուէին, եւ միւս կողմէ ուսման եւ զարգացման բաղձանքը յագուրդ կը գտնէր, եւ այս տեսութիւնները սերտ եւ անխզելի կերպով կապուած կը կարծուէին: Հայը կղզիացեալ դիրք մը ունէր Արեւելքի մէջ, ուր իր ձգտումներուն համաձայն օժանդակութիւն չէր գտներ, միւս կողմէն Արեւմուտք, որ է ըսել, Արեւելքի հետ յարաբերութիւն պահող կաթոլիկ Եւրոպան, կրօնամոլ սկզբունքներէ մղեալ իր ձեռնտուութիւնը չէր շնորհեր, եթէ ոչ իր կրօնքին եւ իր դաւանանքին հնազանդելու պայմանով: Այդ պարագաներու հանդէպ, նաեւ հայութեան հաւատարիմ եւ իրենց եկեղեցին սիրող Հայեր, լրջօրէն կը մտածէին, թէ եղանակ մը արդեօք հռոմէադաւանութիւնը գոհացնել առանց հայադաւանութեան վնասելու, եւ ակնկալեալ օգուտները քաղել առանց բան մը վրայ տալու, կամ ուրիշ խօսքով, հայութեան մէջէն գժտութեան եւ երկպառակութեան սերմը ջնջել, եւ հայութեան առջեւ յարաբերութեանց եւ դիւրութեանց դուռերը բանալ: Այդ միտքէն բոլորովին օտար չէր երեւար նորընտիր Պօղոս պատրիարքն ալ, ուսման եւ զարգացման յամառ հետապնդող մը, ինչպէս իր նախընթացէն ալ ցուցուցինք 2351): Ուստի ինքն ալ կը մտածէր, թէ հնար չէ՞ր արդեօք պատուաւոր կերպով իրականութիւն տալ այդ ձգտումներուն: Երբոր մէկ կողմէն օգուտի մը նպատակակէտը միտքերը կը գրաւէր, միւս կողմէն անտեղութեանց առջեւն առնելու պէտքն ալ կը զգացուէր. կաթոլիկութիւնը կարծես թէ աւելի ոյժ եւ աւելի տարածում ստացած էր ազգին մէջ, շնորհիւ հռոմէադաւան եկեղեցականներու գործունէութեան, որոնք բաւական շատցած էին, Մխիթարեան կրկին եւ Անտոնեան միաբանութեանց, եւ Հռոմի Փրոփականտայի դպրոցին աշակերտութենէն: Ասոնք կը յաջողէին շարունակ համակիրներու շրջանակը ընդլայնել, միշտ ուսման եւ զարգացման եւ եւրոպական յարաբերութեանց եւ օգնութեանց հրապոյրներով, ինչ որ ազգին մէջ երկպառակութիւնները կը շատցնէր: Բայց միւս կողմէն կաթոլիկամիտներն ալ իրենց մէջ համաձայն չէին, եւ օրէ օր կը զօրանային Աբբացի եւ Քօլէճցի ուղղութեանց հոսանքները, զորս արդէն բացատրած ենք 2163), եւ որուն առիթ տուած էին Չամչեանի խմբագրած Վահան հաւատոյ գիրքին 2165) այսօրեր երեւան գալը, եւ նոյն գիրքին մասին ներհակընդդէմ կարծիքները: Այդ ամէնը կրնար անտարբեր թողուլ Պօղոս պատրիարքը, եթէ իր իրաւասութեան շրջանակէն դուրս բան մը ըլլար. սակայն հայ ազգը, որուն ինքն գլուխն էր, հաւասարապէս իր մէջը կը պարունակէր. հայադաւանը եւ հռոմէադաւանը, Աբբայեանը եւ Քօլէճեանը, եւ հոգածու պետ մը չէր կրնար այդ տարաձայնութիւնները իրեն օտար համարիլ եւ անոնցմով չզբաղիլ:

2356. ԱՌԱՋԻՆ ՔԱՅԼԵՐ

Ահա Պօղոսի միտքը գրաւող պարագաները, որոնք աւելի ազդեցութիւն կը ներգործէին գաւառները, եւ ամէն կողմերէն հասնող գրութիւններով, որոնք աղաղակելով եւ աղերսելով կը թախանձէին, զի գտնէ զհնար իմն այսմ անբժշկելի ախտիս: Ընտրութենէն մինչեւ գրեթէ տարի մը Պօղոսին միտքը ինքն իր մէջ կը յուզուէր, եւ կերպ մը գտնելու կ՚աշխատէր, որ միայն համերաշխ համաձայնութիւն մը կրնար ըլլալ: Վերջապէս գործի ձեռնարկելու որոշումը կու տայ, եւ 1816 նոյեմբեր 9-ին, լոկ ուղղափառ հայադաւան իշխաններով խորհրդակցութիւն կը կատարէ, եւ անոնց հաւանութեամբ նոյեմբեր 23-ին միւս կողմէն ալ քանիներ տեսակցութեան կը հրաւիրէ: Եկողներն եղան Գրիգոր Տիւզեան, Մատթէոս Ալլահվէրտեան, Անտոն Տավութեան, Յովսէփ Թընկըրեան եւ Պօղոս Աբիկեան (ՊԷՐ. 82): Միութեան եւ համաձայնութեան յորդորական մը կը խօսի պատրիարքը, եւ իբր միաբանութեան հիմնակէտ կը յիշուին, երեք առաջին տիեզերական սուրբ ժողովները, եւ ազգային աղբիւրներէն Լուսաւորչի Յաճախապատումը, եւ Շնորհալիի Ընդհանրականը: Համամտութեան արտայայտութիւններ կ՚ըլլան երկուստեք, եւ տեսական խնդիրները առ այժմ յետաձգելով, կը գոհանան շրջաբերական յորդորներ ցրուել գաւառները, զի սիրով եւ խաղաղութեամբ վարեսցին երկու կողմերը իրարու հետ: Միջոցը անտեղի չէր թերեւս, բայց պէտք չէ միտքէ վրիպեցնել, որ այս առաջին քայլով հռոմէականներ որոշ մարմինի մը եւ նկատառութեան արժանի բաժինի մը դիրքը կը սկսէին ստանալ, որ իրենց նոր ոյժ տալու եւ յաւակնութիւննին աճեցնելու պիտի ծառայէր: Եւ այս եղաւ արդիւնքը, եւ առաւել եւս աճեցին խռովութեան առիթ (ՊԷՐ. 83): Նոր խորհրդակցութեան պէտք զգացուեցաւ, զոր Պօղոս կատարեց 1817 մայիս 23-ին, որուն մէջ հռոմէականներ քանի մը օր պայմանաժամ խնդրեցին որոշ ծրագիր մը բերելու: Բայց ուշացուցին, եւ պատրիարքը նոր գումարումներ կազմեց յունիս 15-ին եւ յուլիս 11-ին Գուրուչէշմէի բնակարանին մէջ, բայց այս անգամ ալ հռոմէականներ 60 օրուան պայմանաժամ խնդրեցին, սակայն այդ միջոցին մէջ ալ չկրցան որոշ առաջարկ կազմել, զի Աբբայեան եւ Քօլէճեան ուղղութեանց տարբերութիւնը կը տիրէր, եւ եկեղեցական դասակարգը արգելքներ կը յարուցանէր: Երբ այս մասնաւոր բանակցութիւնք սկսան զրոյցներու առիթ տալ, Պօղոս հարկ սեպեց, հոկտեմբեր 16-ին, ուղղափառ եկեղեցականներէ ժողով մը կազմել, յիսունէ աւելի անձանց ներկայութեամբ, եւ յաջորդ օրը, աշխարհականներու ժողով մըն ալ գումարել, հոկտեմբեր 17-ին, 27 ամիրաներու եւ բաւական թուով արհեստապետներու ներկայութեամբ, եւ երկու ժողովներն ալ պատրիարքի ըրածները լսելէն ետք, խնդրեցին ոչ թողուլ ի բաց զօգտակար խաղաղասէր եղանակն (ԱՆՑ. 14): Ասոր վրայ Պօղոս պատրիարք 1817 հոկտեմբեր 23-ին, Խաչի վեցերորդ երեքշաբթի օրը, երկու կողմերու նոր ժողով գումարեց Գուրուչէշմէի պատրիարքական ամարանոցին մէջ:

2357. ԺՈՂՈՎ ԵՒ ԿՈՆԴԱԿ

Այդ մեծահանդէս ատենի ներկայ գտնուեցան երկու կողմերէ տասուերկուքական ամիրաներ, որոնց առջեւ սրտառուչ ատենաբանութիւն մը ըրաւ Պօղոս, հիմ ունենալով Հայոց եկեղեցւոյ ուղղափառութեան պաշտպանութիւնը, եւ անկէ բաժնուելէն յառաջ եկած անտեղութիւնները: Իր խօսքերն ինքն իսկ ամփոփած է, որոնք զգայուն ոճ մը ունին (ԱՆՑ. 15-20): Ներկայք միաձայն հաւանութիւն յայտնեցին, եւ պատրիարքն իւրաքանչիւր ժողովականը յանուանէ կոչելով, հաւանութեան յայտարարութիւնը ստացաւ, եւ կաթոլիկամիտներն իսկ Լուսաւորչի եւ Շնորհալիի դաւանութիւնները բացարձակապէս ընդունեցան: Միայն թէ երբոր յայտարարութիւննին ստորագրելու հրաւիրուեցան, խուսափեցին ըսելով, թէ իւրաքանչիւրոցս վկայութիւն ի մէջ մեծի ժողովոյս, առաւել քան զկնիք հաստատուն է (ԱՆՑ. 22). եւ միանգամայն խնդրեցին ճշմարտասէր եւ գիտնական անձերէ մարմին մը կազմել, որոնք Հայոց ծիսական եւ դաւանական գիրքերը աչքէ անցնեն: Իսկ իրենց կողմէ անձեր ցուցնելու համար ալ քսան օր պայմանաժամ ուզեցին: Պատրիարքն եւ ուղղափառ կողմը ամէն պայմաններուն զիջողութիւն ըրին, եւ քանի մը օրէն եկեղեցական անձերու գումարում մըն ալ ընելով, քննիչ մարմինին համար անդամակիցներ որոշեցին, եւ պատրիարքն ալ բոլոր որոշումները պաշտօնապէս հրատարակեց 1817 նոյեմբեր 22-ի կանոնական կոնդակով (ԱՆՑ. 24-28): Այդ կոնդակէն կը քաղենք, թէ պատրիարքարանի ընտրեալներն եղած են` Մարկոս արքեպիսկոպոս նուիրակ Երուսաղէմի, Կարապետ արքեպիսկոպոս, որ է Պալաթցին, եւ Պետրոս վարդապետ, իսկ պատուաւոր քահանաներէն, Մելքոն աթոռակալ Պալաթու, Մեսրոպ վարժապետ Մայրեկեղեցւոյ, եւ Բարթողիմէոս աթոռակալ Իւսկիւտարի: Իսկ աշխարհականներէն ալ Թագւոր վարժապետ պատրիարքարանի: Իբր նօտար կամ քարտուղար նշանակուեցան, Զաքարիա քահանայ Ղալաթիոյ, եւ Գրիգոր ատենադպիր պատրիարքարանի: Դաւանութեանց աղբիւրներ նշանակուած են` Աստուածաշունչ, Ժամագիրք, Շարական, Խորհրդատետր, Ճաշոց, Մաշտոց, Յաճախապատում եւ Ընդհանրական: Վիճաբանութեանց կանոնաւորութեան եւ մեկնութեանց կերպին համար ալ որոշակի պայմաններ գծուած են, որոնք Պօղոսի գործնական միտքին յայտարար նշաններ են:

2358. ԱՊԱՐԴԻՒՆ ՓԱԿՈՒՄ

Հռոմէականներուն կողմէ յայտնուած վարանոտ եւ յողդողդ ընթացքը հետեւանք էր իրենց դիրքին: Միութեան փափաքողներ եւ հետապնդողներ աշխարհականներ էին, որոնք պաշտօնական ձայն չունէին, որոշման մը գալու, եւ եկեղեցականներուն պէտք էր դիմէին. անոնք ալ ոչ յօժարամիտ էին եւ ոչ համամիտ: Այս պատճառաւ հոկտեմբեր 23-ին խնդրած եւ ստացած քսան օրերու պայմանաժամը, որ նոյեմբեր 13-ին կը լրանար, ապարդիւն անցուցին: Հարկ եղաւ Կարապետ Ազնաւորեան ամիրային ձեռքով ազդարարութիւն յղել, բայց պատասխանուեցաւ թէ կը սիրեն գրաւոր կատարել բանակցութիւնները: Պատրիարքը այդ միջոցին հրատարակեց իր կանոնական կոնդակը, նոյեմբեր 22 թուականով, եւ համաձայն կանխաւ հաստատուած որոշման, ինչպէս արդէն յիշեցինք: Կաթոլիկամիտ ամիրաներու ընթացքը հետեւանք էր հռոմէական եկեղեցականներու թելադրութեանց, զոր պատրիարքարանը բացէբաց մերժեց, վասնզի ոչ միայն ընդունուած պայմաններուն հակառակ էր, այլ եւ աւելորդ էր, զի պատրիարքարանը գրաւոր աղբիւրներ ցուցուցած էր, եւ զի անթիւ վիճաբանութեան գիրք մինչեւ ցայժմ ոչինչ օգնեցին բառնալ զերկպառակութիւն ազգիս (ԱՆՑ. 29): Կաթոլիկամիտ ամիրաներ եւ իրենց համամիտներ նկուն մնացին, իրենց յանձնառութիւնը չկրնալ կատարելնուն, եւ մինչեւ իսկ Ազնաւորեանի սենեակը երթալով գանգատեցան, կամայ ակամայ ամբաստանելով զհամարեալ գիտնոց իւրեանց: Պօղոս պատրիարք ալ հարկ զգաց իր ձեռնարկը արդարացնելու համար յատուկ ժողով մը գումարել Մայրեկեղեցին, 1817 դեկտեմբեր 12-ին, ուր հաւաքուեցան եկեղեցականներէ եւ ամիրաներէ զատ, յիսունէ աւելի արհեստապետներ, եւ ընդարձակ կերպով անցուդարձերը պատմեց: Բոլոր ներկաներ պատրիարքին վկայեցին, թէ իրաւունս ունի հայր սուրբ, ի լինելն ձեռնարկ յայս առաջարկութիւն, որուն վրայ պատրիարքն ալ յանձնարարեց որ լսածնին ամէն կողմ պատմեն: Խօսակցութիւնները տարածուեցան, կաթոլիկամիտներն ալ զգածուեցան, եւ դեկտեմբեր 18-ին, երեք հարիւրի չափ Լատինաց Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին հաւաքուեցան, իրենց եկեղեցականներուն դէմ բողոքելու կամ ստիպելու. բայց Լատիններ զիրենք արտաքսեցին, առանց մտածելու, որ կաթոլիկներու առջեւ իրենց եկեղեցիները կը բանային երբ շահուելու նպատակ կար: Լատիններ եւ լատինամիտներ մինչեւ իսկ յաւակնեցան ամբաստանութիւններ ընել կառավարութեան առջեւ, թէ Հայերը իրենց Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյն մէջ գումարուած են, կաթոլիկներու վրայ յարձակելու: Կառավարութիւնը զինուորական զօրութեամբ Հայոց եկեղեցւոյն վրայ եկաւ, բայց բան մը չգտաւ, որով յայտնի եղեւ ստութիւն նոցա (ԱՆՑ. 30-35):

2359. ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԱՆՑԻՑ

Այսպէս փակուեցաւ միաբանական ճիգերու երկրորդ արարուածն ալ, կատարեալ անյաջողութեամբ, ինչպէս փակուած էր առաջին փորձն ալ 2322): Մենք չենք ուզեր անգամ մըն ալ կրկնել, թէ միաբանական ճիգեր իրենց բնութեամբ ձախողութեան մատնուած փորձեր են, եւ բաւական կը սեպենք ինչ որ անգամ մը այդ մասին գրեցինք ու բացատրեցինք 2323): Միայն այստեղ պարտք կը զգանք քանի մը խօսք աւելցնել Պօղոս պատրիարքի անձին վրայ, որ այս խնդիրին մէջ վարած դերին պատճառով, յոմանց դատափետուեցաւ իբրեւ անիմաստ գործի ձեռնարկող մը, եւ ուրիշներէն քննադատուեցաւ իբրեւ յայտնի կաթոլիկամիտ մը: Այդ երկրորդ մեղադրանքէն կ՚արդարացնէ զինքը Պատմութիւն անցից տետրակը, որ հրատարակուած է Կ. Պոլսոյ մէջ, Ակնեցի Անդրէաս Վարդապետի տպարանը, 1818 փետրուար 15-ին, որ է ըսել վերջին դեկտեմբերի եղելութիւններէն միայն ամիսուկէս ետքը: Տետրակը թէպէտ իբր անանուն հեղինակութիւն կը ներկայանայ, սակայն յայտնապէս Պօղոսէ շարադրուած գրութիւն մըն է, ինչպէս կը ցուցնեն, Յամենայն քաղաքաց աղաղակք եւ բողոքք հասանէին առ մեզ (ԱՆՑ. 5), եւ Այժմ ի պաշտօնէ պատրիարքութեանս իրաւունս ունիմք ի վերայ բոլոր ազգիս (ԱՆՑ. 7) եւ ուրիշ յաճախ կրկնուած նմանօրինակ բացատրութիւնները: Արդ Պօղոս տետրակին ճակատը դրոշմած է սա խօսքերը. վասն յայտնի կացուցանելոյ զճշմարտութիւն հաւատոյ Հայաստանեայց սուրբ եկեղեցւոյ` այնոցիկ, որոց չէին տեղեակ եւ մեղանչէին (ԱՆՑ. 1), ինչ որ ջերմեռանդ հայադաւանի մը խոստովանութիւնն է: Գրուածին թէ շուտոով հրատարակութեան տրուիլը, եւ թէ պարունակութեան ամբողջութիւնը նոյն անկեղծ յայտարարութիւնները կը հաստատեն, մանաւանդ ուր կը պատմուի վերջին անգամ հռոմէադաւաններուն իրենց խոստումին դրժելը, եւ գրաւոր վիճաբանութեան խաղը մէջտեղ հանելնին: Իսկ առաջին մեղադրանքին մասին դիտել կու տանք, թէ այն ատեններ կաթոլիկներ զատուած մարմին չէին, եւ Հայոց պատրիարքարանին ուղիղ հպատակներն էին, եւ պաշտօնապէս անոր դաւանութեան ներքեւ կը նկատուէին, եւ իրենց գործերը, եւ նոյնիսկ խորհուրդները նոյն պատրիարքարանին ձեռքով կը կատարուէին: Հետեւապէս Պօղոս գլուխն էր հասարակ երկուց կողմանց, եւ հոգեւորական եւ թագաւորական իշխանութեամբք, պարտաւորեալ էր զօգուտն ընդհանուր ազգիս կամել, եւ ըստ կարեաց յառաջացուցանել զբարին (ԱՆՑ. 7): Երկպառակութիւնները ամենավառ հետեւանքներ ունէին, աւելին ալ նախատեսել կու տային: Պատրիարք գտնուողին անհրաժեշտ պարտաւորութիւնն էր ամէն փորձ փորձել, եւ նոյնիսկ նուազ հաւանականներն ալ զանց չընել, գոնէ խիղճի պարտք մը լրացուցած ըլլալու համար: Այս է մեր համոզումը գործին վրայօք, եւ մեր տեսութիւնը Պօղոսին նկատմամբ: Ժամանակին ժողովուրդն ալ այնպէս դատած է, յայտնելով պատրիարքին, թէ իրաւունս ունիս, ըստ որում պարտական ես զօգուտն ազգին խնդրել (ԱՆՑ. 33):

2360. ԿԻՐԱԿՈՍ ԵՒ ՈՒԼՆԵՑԻՔ

Միաբանական ջանքերուն կրկին անգամ ձեռք առնուիլը պատմելէն առաջ, յիշենք Կիլիկիոյ Կիրակոս կաթողիկոսին իբրեւ ապստամբապետ ամբաստանուիլը, որուն առիթ տուին Զէյթունցիներու խլրտումը, եւ նորոգուած կաթողիկոսարանին պարիսպով եւ աշտարակներով պատած ըլլալը 2326): Զէյթունցիք հին ժամանակներէ ի վեր կէս անկախ դիրք մը կը պահէին Ուլնիոյ անմատչելի լեռներուն վրայ: Ներքին վարչութիւն մը ունէին, եւ իբրեւ հարկ որոշ գումար մը կը վճարէին, բայց ստէպ այն ալ զլանալու կը յաւակնէին, եւ զինուորական զօրութեան ալ զօրութեամբ կը դիմադրէին: Այդ երեւոյթներէն մին նորոգուած էր 1818-ին, եւ Բերիոյ կուսակալը տեղեկագրած էր արքունիքին, թէ շարժումին գլուխը նոյնինքն կաթողիկոսն է, որ կանուխ ալ իրեն ամուր դղեակ մը կառուցած է: Այսչափը բաւական եղաւ որ Գերմանիկի կառավարիչին հրաման տրուի ճարտար կերպով մը կաթողիկոսը մօտը բերել եւ սպաննել: Կիրակոս անկասկած թեմերու այցելութեան կը շրջէր, երբ Գերմանիկ հրաւիրուեցաւ եւ լսեց մահագոյժ հրամանը: Արդարացման բացատրութիւններուն հետ հնչուն փաստեր ալ առատաբար գործածելով, թոյլտուութիւն ստացաւ գործին պարագաները անգամ մը բարձրագոյն դրան հաղորդել, եւ հրամանին գործադրութիւնը յապաղել: Ինքն ալ փութաց իրողութիւնը պատրիարքին եւ աւագանւոյն ծանուցանել, եւ պաշտպանութիւն խնդրել: Պօղոս պատրիարք, Յարութիւն Պէզճեան, եւ Գրիգոր Տիւզեան` որ հօրը յաջորդած էր 2354), իրենց հետ առնելով Գրիգոր Պալեան ճարտարապետ ամիրան, եւ բոլոր աւագանին, ամէն հնարաւոր միջոցները գործածեցին, մինչեւ որ հրաման եղաւ Կիրակոսը մայրաքաղաք բերել եւ այնտեղ գործը քննել, եւ ըստ այսմ Կ. Պոլիս հասաւ 1809 ապրիլ 11-ին: Անգամ մը որ Կիրակոս կառավարութեան ներկայացաւ, իր համոզիչ բացատրութիւններով եւ իր պաշտպաններուն օգնութեամբ, շուտով կրցաւ իր անմեղութիւնը հաստատել: Նոր փորձ մըն ալ անցուց Կիրակոս, երբոր իրեն առաջարկուեցաւ երաշխաւոր եւ փոխանորդ լինիլ Զէյթունցոց հարկին վճարման, զոր բացէ բաց մերժեց, ապագային որեւէ պատասխանատուութեան ներքեւ չիյնալու համար, եւ տէրութեան ընկճել չկրցան լեռնականները, ինքն հնազանդեցնելու միջոց չունենալը յայտարարելով: Վերջապէս ազատօրէն տեղը դառնալու հրովարտակը ստացաւ, բայց ազգայինները միջոց մը եւս զինքը մայրաքաղաքին մէջ պահեցին, ուր ներկայ էր միաբանական ժողովին 1820 ապրիլ 2-ին, եւ յուլիսի վերջերը իր աթոռը մեկնեցաւ (ՊԷՐ. 453):

2361. ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋԸ

Միաբանական ճիգերուն փակումը կծու կերպով մը եղած էր ինչպէս յայտնի է Պօղոսի ալ խօսքերէն (ԱՆՑ. 25), եւ գործերուն ալ վիճակէն: Պառակտումները շատցեր էին եւ իրարու վրայ մեղադրանքներ կը յաճախէին, եւ երկու կողմերուն մէջ ալ գժտութիւն ինկած էր: Հայադաւաններու մի մասը` միութեան եւ համերաշխութեան գաղափարը ամէն կերպով կը պաշտպանէր, մինչ ուրիշ մաս մը` անոր մէջ ազգովին կաթոլիկանալու վտանգ կը տեսնէր: Հռոմէադաւաններուն մէջ ալ կային փոքր զոհողութեամբ բաժանումը վերցնել կարծողներ, մինչ ուրիշներ ճշմարիտ հռոմէադաւանութենէ հեռանալու վտանգ կը տեսնէին: Պատրիարքը` Կ. Պոլսոյ գլխաւոր ամիրաներու հետ միութեան փափաքողներէն էր, իսկ գաւառացի գլխաւորներ եւ եկեղեցականներէն շատեր, կասկածով կը վերաբերուէին: Հռոմէադաւաններէն զիջողութեան հակամէտ էր Աբբայեանց կողմը, գլուխ ունենալով Վենետկոյ Մխիթարեանները, եւ Տիւզեան եւ Ալլահվէրտեան եւ ուրիշ գերդաստաններ: Իսկ բոլորովին հակառակ ուղղութեան կը հետեւէր Քօլէճեան կղերը, Փրոփականտայի աշակերտներէն ու Վիէննայի Մխիթարեաններէն կազմուած, եւ Թընկըրեան ու Գըլճեան եւ ուրիշ գերդաստաններէ հովանաւորուած: Ներքին հակառակութիւն եւ լռին թշնամութիւն մը կը սաստկանար այդ կողմնակցութեանց մէջ, որոնք փոխադարձաբար ընդդիմադիր կողմը վտանգելու եւ տապալելու մէջ կը տեսնէին իրենց յաղթանակը: Քահանաներու կողմէ պատրիարքին դէմ յուզուած հակառակութիւնն ալ այդ տեսակէտէն ծագած պէտք է նկատել: Պօղոս, պատրիարքութենէն առաջ, մեղադրած էր հանգուցեալ քահանայից ծուխերուն փոխանցումէ գոյացած գումարը` պատրիարքին սեփականելու ձեւը, լաւագոյն համարելով նոյն գումարը հանգուցեալ քահանային ժառանգներուն թողուլ, եւ այս միտքը գիրով ալ յայտնած էր, եւ այդ գիրն ալ Մարտիրոս քահանայի մը ձեռք անցած էր: Ասոր վրայ քահանաներն ալ Պօղոսի բուռն պաշտպանութիւն ըրած էին պատրիարքական ընտրութեան ատեն: Ճիշդ այդ փոթորկալից տարիներու միջոցին կը վախճանի Պալաթու Գէորգ քահանան, եւ ծուխերու փոխանցման ատեն Պօղոս գումարը պատրիարքութեան կը սեփականէ ըստ աւանդական սովորութեան: Քահանաներ կը սկսին քրթմնջել եւ Պօղոսը իբրեւ ուխտադրուժ հռչակել, ժողովուրդը գրգռել, եւ մինչեւ իսկ կառավարութեան կը դիմեն Պօղոս պատրիարքի եւ սեղանաւորներու արհեստապետ Կարապետ Ազնաւորեանի դէմ, որ Պօղոսի գլխաւոր պաշտպանն էր: Կայսերական հրամանով քննութիւն կը բացուի, Պօղոսի կողմը կը զօրանայ, զի պաշտօնէն առաջ յայտնուած միտք մը չէր զօրեր հնաւանդ սովորութիւնը եւ օրինական դարձած իրաւունքը ջնջել: Շփոթներ զայրանալուն` քահանաներէն հինգը, Զաքարիա Բերայի, Վրթանէս Գումքաբուի, Ստեփան Սամաթիոյ, եւ Պաղտասար ու Մկրտիչ Պալաթու, աքսորի կը ղրկուին, ուրիշներ ալ զրկմամբ կը պատժուին (ՊԷՐ. 96-97), եւ թէպէտ աքսորուածներ եւ պատժուածներ կը ներուին, սակայն սիրտեր չեն հանդարտիր, զի ուրիշ աւելի ընդարձակ դիտումներ կային գործին մէջ:

2362. ՊԷԶՃԵԱՆ ԵՒ ՏԻՒԶԵԱՆՔ

Ուրիշ պարագայ մըն ալ, ոչ նուազ, անտարբեր կու գայ գրգռուած հոգիներուն հակառակութեան նիւթ մատակարարել: Յիշած ենք արդէն թէ Տիւզեան Յովհաննէսի զաւակներէն Գրիգոր եւ Սարգիս ոսկերչապետութեան եւ փողերապետութեան անցած էին 2352), բայց պէտք էր գիտնալ թէ իրենց վրայ պաշտօնապէս տաճիկ մեծ մըն ալ կը գտնուէր միշտ, իբր վերատեսուչ կամ վերահսկող, որչափ ալ ամէն գործեր քրիստոնեայ վարիչներու ձեռքով կը լրանային: Տիւզեան եղբայրներ, բարեսէր եւ ուղղամիտ վարիչներ, շատ ընդարձակութիւն թողած էին իրենց երկրորդականներուն, որոնք օգուտ կը քաղէին համարձակ զեղծանիլ եւ անհաշիւ կերպով գումարներ գանձել, ուսկից տարադէպ անհաւասարակշռութիւն ալ կը ծագէր արկղական վիճակին մէջ: Պէզճեան, որ Տիւզեանց գլխաւոր եւ վստահելի պաշտօնեայն էր, կը տեսնէր իրաց վիճակը, եւ պատշաճ կերպով կը զեկուցանէր երկու Տիւզեան պետերուն, որոնք յանկարծ սթափածի պէս կը սկսին շատեր պաշտօնէ հեռացնել, Պէզճեանի ձեռնհասութիւնը ընդարձակել, եւ գրեթէ բարեկարգիչի դեր մը տալ անոր (ՊԷԶ. 32): Այստեղ յիշենք, որ Տիւզեանք շատ աճեցուցած էին փողերանոցի մէջ իրենց դաւանակից հռոմէականները, որոնք աւելի կը զգային նոր խստութեանց հետեւանքը, մանաւանդ տեսնելով որ հայադաւան մըն էր անոնց շարժիչը եւ անոնցմէ օգտուողը: Այդ դիտողութիւնը մինչեւ իսկ վարիչներուն երեսն ի վեր խօսեցաւ պաշտօնեաներու խումբ մը, գլուխ ունենալով Տիւզեանց հօրեղբօրորդին Մկրտիչը, զի Տիւզեանց բոլոր պարագաներն ալ պաշտօններ ունէին (ՊԷԶ. 33): Այդ զգացումը այնչափ առջեւ գնաց, որ Պէզճեան խոհեմութիւն սեպեց պաշտօնէն հրաժարիլ եւ գործէն քաշուիլ, որուն ստիպուեցան համակերպիլ Տիւզեան պետերն ալ, եւ Պէզճեանի գործերուն եւ հաշիւներուն կանոնաւորութեան վկայագիրներ տուին, թէ իրենք վարիչները եւ թէ տաճիկ վերատեսուչ Ապտիւրրահման պէյը, Տիւզեանց ըստ ամենայնի բարեացակամ անձ մը:

2363. ՀԱԿԱՌԱԿՈՒԹԵԱՆՑ ՍԿԻԶԲԸ

Այդ եղելութիւնները ծածուկ չէին կրնար մնալ. զրոյցները ընդարձակուեցան, եւ Տիւզեանց ուղղութեան հակառակորդներ պատեհ սեպեցին կացութենէն օգտուիլ, անոնք տապալելու, որ անոնց ուղղութեան իրականացումն ալ խափանուի: Ձեռք առին արքունեաց մէջ ազդեցիկ եւ կայսեր մտերիմ Հալէթ էֆէնտին, յայտնապէս քրիստոնէից թշնամի, եւ յատկապէս Տիւզեանց դէմ ոխացող անձ մը: Սա առաջ ջանաց պաշտօնէ հեռացնել Ապտիւրրահման պէյը, Տիւզեանց բարեացակամ մը, զայն ուրիշ պաշտօնի անցընել տալով, եւ տեղը անուանել տուաւ Խայրուլլահ էֆէնտին, իրեն զգացումներուն համաձայն եւ իրեն հրամաններուն անսացող մը: Սա շուտով զգացնել կու տար իր անուանման նպատակը, երբ պաշտօնապէս ալ հրաման ստացաւ Տիւզեանց հաշիւները քննել, որոնք ապահովաբար բաց մը պիտի պարունակէին, հետեւանք անհաշիւ ծախքերու եւ թոյլ մատակարարութեան 2360), ինչպէս որ զրոյցները եւ նշանները կը ցուցնէին: Այսպէս պատրաստուեցաւ Տիւզեանց գերդաստանին արկածը, զոր ազգային արկած նկատել չենք վարանիր: Մենք համարձակ յայտարարեցինք, թէ ազգայնոց կիրքն ալ իր մասը ունեցաւ այդ արկածին մէջ. եւ թէ` հայադաւաններու եւ հռոմէադաւաններու մէջ կային հաւասարապէս միաբանական ջանքերուն դէմ եղողներ, մինչ Տիւզեաններ այդ ջանքերուն ոյժ տուողներն էին: Սակայն բոլորովին ձրի զրպարտութիւն կը գտնենք Պէզճեանն ալ Տիւզեանց թշնամիներուն մէջ դասելը (ՄԷՆ. 29): Հռոմէականի մը գրիչին ներքեւ պատուական հայուն մուր քսելու փափաքը դիւրաւ կըմբռնենք. սակայն նա իր քսութիւնը հաստատելու յայտնի արարք չի յիշեր, այլ ենթադրական մեկնութիւններով կը գոհանայ: Ուր ընդհակառակն թէ արկածէն առաջ, եւ թէ արկածի ատեն, եւ թէ արկածէն ետքը միշտ Տիւզեանք եւ Պէզճեան բարեկամական յարաբերութեանց մէջ մնացին, եւ որ եւսն է Պէզճեան ալ Տիւզեանց համամիտ, միաբանական ջանքերուն հետամուտ էր, եւ նոյն ուղղութեան կը հետեւէր: Իբր Գազէզը ամբաստանող յիշուած հեղինակն ալ, զգալի եւ շօշափելի գործ չի պատմեր, այլ պարզապէս միտքերու եւ մեկնութիւններու շրջանակին մէջ կը թափառի, եւ Տիւզեանց հետ սերտ յարաբերութիւն ունեցող մը ըլլալը, կուսակցական հոգի ունենալը կը մատնանշէ (90 ԱՄՍ. 278): Ամբաստանողներու ամենէն մեծ փաստը` փողերապետութեան յաջորդելն է, եւ ոմանց հետ ծանօթութիւն ունենալը. սակայն պաշտօնը Տիւզեանց նպաստելու դիտմամբ ընդունած ըլլալը վկայուած, եւ ծանօթութիւններն ալ գործերու առթիւ ըստացուած են: Այնպէս որ միշտ մոլեռանդ զգացմանց արտայայտութիւնն է, որ կ՚երեւայ, եւ որ տակաւին մարած չէ Քօլէճեան ուղղութեան հետեւողներուն սիրտէն, մանաւանդ կղերականներէն:

2364. ՀԱՇՈՒՈՑ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆ

Հրամայուած հաշուական քննութիւնը բացուեցաւ 1819 օգոստոս 29, ուրբաթ օր, թէպէտ հանգիստի օր էր պետական կանոնով: Տոմարներ, արկղներ եւ սենեակներ կնիքի ներքեւ առնուեցան, եւ Գրիգոր ու Սարգիս արգելական պահուեցան փողերանոցին մէջ: Օր մը միայն, հետեւեալ շաբաթ օրը, բաւական սեպուեցաւ հաշիւներու քննութիւնը վերջացնելու եւ եզրակացնելու, զի միւս օր, կիրակի, 31 օգոստոս, Միքայէլ Տիւզեան եղբայրնին, եւ Մկրտիչ Տիւզեան հօրեղբօրորդինին, եւ Յովհաննէս Ալեքսանեան քեռայրնին, բռնադատեալ ստորագրեցին անոնց պարտական եւ զեղծարար լինելուն. միայն Յովսէփ Ազնաւորեան հօրեղբօր փեսանին չզիջաւ ստորագրել, եւ շղթայակապ բանտարկուեցաւ (ՊԷԶ. 34): Երկուշաբթի սեպտեմբեր 1, ամբաստանեալներուն ինչքերն ու ստացուածքները գրաւելու գործողութեան ձեռնարկուեցաւ: Ծովակալ Ապտուլլահ փաշա պաշտօնատարներով եւ զինուորականներով, Տիւզեաններու եւ անոնց ազգականներու եւ գործակալներու եւ պաշտօնեաներու 24 բնակարանները կնիքի ներքեւ առաւ (ՊԷՐ. 454), բոլոր բնակիչները դուրս հանեց, այրերը բանտ եւ կիները պատրիարքարան ղրկեց, եւ տուներուն պահակներ կանգնեցուց (ՊԷԶ. 35): Յանկարծական եւ ամենախիստ շարժումը ահուդողի մատնեց բոլոր ազգը, եւ շփոթ կացութեան առջեւ ոչ ոք կրցաւ արկածին առջեւն առնելու կերպը մտածել: Կարծողներ կան (ՊԷՐ. 102), որ եթէ բոլոր ամիրաներ միաբանութեամբ Տիւզեանց բացը կամ պարտքը գոցելու երաշխաւոր կանգնէին, աղէտին առջեւն կրնային առնել: Աւելորդ ենթադրութիւն մը: Մենք կանխեցինք բացատրել, թէ ինչպէս հակառակութիւն կար ամիրաներու մէջ 2359), որով Տիւզեանց տապալումը անհաճոյ պիտի չըլլար երկու կողմերու կասկածաւորներուն. զի հռոմէականներ հայանալու եւ հայադաւանները կաթոլիկանալու վտանգէն պիտի ազատէր. թող որ Տիւզեանց խնդիրը զեղծումի կերպարանն ունէր, որ դրամական վճարմամբ չէր գոցուեր. Տիւզեանց համամիտ հռոմէադաւան կողմը ընկճուած էր, իսկ անոնց համակիր հայադաւան ճիւղն ալ վախի մատնուած ու շփոթած էր: Պէզճեանն ինքն ալ երկիւղի մէջ էր, եւ երբ Գրիգոր Պալեան յանուն կայսեր կու գար փողերապետութիւնը առաջարկել, Պէզճեան բացէ բաց կը մերժէր, մինչեւ որ Պալեանէ թելադրուած, Տիւզեանց օգտակար ըլլալու գաղափարով կը համոզուէր պաշտօնը ստանձնել (63 ԺՄՆ. 42): Խուզարկութեանց եւ բանտարկութեանց գործը, որ սեպտեմբեր 1-ին սկսած էր, միւս օրն ալ կը շարունակուէր: Այդ առթիւ ձերբակալման ենթարկուող այրերու ցուցակը քառասուն անուններու կը հասնի, որոնց մէջ են Տիւզեան հինգ եղբայրներ, Գրիգոր, Սարգիս, Կարապետ, Միքայէլ եւ Պօղոս, եւ երկու հօրեղբօրորդիներ Մկրտիչ եւ Յարութիւն, եւ Ալեքսանեան եւ Չամիչեան եւ Թընկըրեան եւ Ազնաւորեան խնամիներ, եւ Ռափայէլեան Ստեփան վարդապետ, որ պատահմամբ Տիւզեանց տունը գտնուած էր (ՊԷՐ. 454): Մնացածները փողերանոցի եւ կամ Տիւզեանց տունի պաշտօնեաներ էին:

2365. ՏԻՒԶԵԱՆՑ ԱՂԷՏԸ

Կնքուած տուներուն բացուիլը եւ գրաւուած ինչքերուն աճուրդի դրուիլը` նոր պարագայ մը եւս ստեղծեց, որ կառավարութեան աչքին մեծ ծանրակշռութիւն ստացաւ: Ընտանեկան կարասիներուն շարքին` մէջտեղ ելան եկեղեցական սպասներ ու զարդեր, եւ առտնին եկեղեցիներ, որոնք հաստատուած էին կաթոլիկութեան պետ ճանչցուած` պապական պատուիրակ Վինկենտիոս Քօրէզի եպիսկոպոսին արտօնութեամբ (ՊԷԶ. 41), մինչ կառավարութիւնը իրեն սեփականած էր եկեղեցիներու արտօնութիւն տալ: Կառավարութիւնն այդ կէտը` իբրեւ օրէնքի դէմ ապստամութիւն նկատեց, միանգամայն իրմէ ճանչցուած ազգային պատրիարքին հպատակութենէն հեստելով` օտար պետի հնազանդութեան անցնելու յաւակնութիւն, ինչ որ քրէական յանցանք կը համարուէր: Հարկաւ այդ պարագայն ծանրացուց Տիւզեաններու վրայ տիրող կասկածը, եւ ոյժ տուաւ անոնց դէմ կազմուած ամբաստանութեան, եւ պատճառ եղաւ որ Գրիգոր եւ Սարգիս իրենց արգելարանէն պատժապարտներու բանտը փոխադրուին սեպտեմբեր 17-ին, ուր հետզհետէ ուրիշներ ալ բերուեցան անոնց եղբայրներէն եւ գործին մէջ դեր ունեցող կարծուածներէն (ՊԷԶ. 37): Ոչ մի պատմողի մօտ չենք գտներ, որ ամբաստանեալներու մասին ձեւակերպութիւններ կատարուած ըլլան, եւ չենք գիտեր թէ դատավարութեան պակասութեա՞ն, թէ ոչ պատմողներու մոռացութեան պիտի վերագրենք այդ լռութիւնը: Միւս կողմէն յայտնի է, որ առջի ժամանակներու մէջ անսովոր չէր, ծանր ամբաստանութեան կամ վստահելի վկայութեան կամ առ ձեռն քննութեան մը վրայ, անմիջապէս անձին մահապարտութեան եւ ինչքին գրաւման վճիռը տալ: Միեւնոյն այդ ձեւը գործադրուած կ՚երեւի Տիւզեանց մասին ալ, զի առաջին բանտարկութենէն հազիւ ամիս մը ետքը, մահապարտութեան վճիռը կը տրուէր, որուն մէջ կաթոլիկութեան կէտն ալ կը յիշուէր եւ իսկոյն կը գործադրուէր: Տիւզեանց նոր կենսագիրը կ՚ըսէ, թէ թագաւորին տանելու պատրուակաւ բանտէ հանուած ըլլան (ՄԷՆ. 31), բայց մենք հաւանական չենք գտներ, որ այդ վճիռը տուող միապետը հարկ ունեցած ըլլայ իր վճիռը ծածկելու համար պատրուակ ստեղծել: Գրիգոր եւ Սարգիս գլխատուեցան բարձրագոյն դրան առջեւ, Միքայէլ եւ Մկրտիչ կախուեցան Եէնիքէօյի ծովեզերեայ ապարանքներնուն պատուհանէն (ՊԷՐ. 103): Օրն էր շաբաթ, եօթանասուն եւ երկու աշակերտաց տօն, 1819 հոկտեմբեր 4: Պէզճեանը ամբաստանելու մարմաջ ունեցողը պէտք չէր մոռացութեան տար, որ ողբալի աղէտին գործադրութեան օրը, Փրոփականտայի եւ Վիէննայի եկեղեցականներուն հետեւողներէն եւ Տիւզեանց հակառակորդներէն, Տավութեան եւ Թընկըրեան եւ Գըլճեան մեծամեծներ, ուրախութեան խնջոյք կը կազմէին Գանտիլլի գիւղը, Եէնիքէօյի քստմնելի տեսարանին հանդէպ (ՊԷՐ. 103). մինչ Պէզճեան բարեգործ եւ արդար Արեմաթացւոյն դերը (ՂԿՍ. ԻԳ. 50) կը ստանձնէր, եւ մահապարտներուն պատուաւոր թաղում տալու արտօնութիւնը ձեռք կը ձգէր, եւ հոկտեմբեր 6-ին Գուրուչէշմէի ընտանեկան գերեզմաննոցին մէջ կը հանգչեցնէր (63 ԺՄՆ. 49): Երբոր կանուխ բանտարկուածներէն չորսերը դառնաղէտ մահուան կը հանդիպէին, միւսներու մասին որոշում չէր լսուեր, եւ իրենց բանտին մէջ կը մնային, որով իրենց համար միջնորդութեան ժամանակ կը մնար:

2366. ՀԱՄԵՐԱՇԽԱԿԱՆ ՔԱՅԼԵՐ

Տուներուն մէջ գտնուած եկեղեցական սպասներուն խնդիրը` երթալով զայրացաւ կառավարական շրջանակներուն մէջ, որոնց ծանր կ՚երեւար, որ Հայոց մի մասը ոչ թէ լոկ դաւանութեամբ, այլ եւ հպատակութեամբ անձնատուր կ՚ըլլային օտարին, եւ պետական իշխանութենէ ճանչցուած պատրիարքարանին կը հեստէին, եւ օտարազգին իբր իրենց պետը կ՚ընդունէին: Այս կացութեան առջեւն առնելու համար սաստիկ հրաման եկաւ պատրիարքին, որ ամէն միջոց գործածէ հեստեալները պատրիարքարանի հնազանդութեան դարձնելու, եւ անսաստողները կառավարութեան իմացնելու (ՊԷՐ. 103. ՊԷԶ. 42): Պօղոս պատրիարքի անշուշտ հաճելի էր պառակտումները դադրեցնել, բայց գործին դժուարութիւններն ալ կը տեսնար, ուստի տեսակ մը վերապահումով կը դանդաղէր, իրեն համամիտ ունենալով Կարապետ Ազնաւորեանը: Բայց միւս կողմէն հայոց մեծամեծներ եռանդեամբ կը հետեւէին գործին, եւ Վենետկոյ միաբաններէն ստացած տեղեկութիւններուն վստահելով, յաջողութեան ալ լիայոյս էին: Այդ միտքին գլխաւոր դերակատարներն էին, Գրիգոր Պալեան, Ճանիկ Փափազեան, Յովհաննէս Երկանեան, Յարութիւն Նորատունկեան եւ Յակոբ Մանանեան ամիրաները. իրենց հետ էր նաեւ Յարութիւն Պէզճեան, եւ ամէնքը միասին ազդու ճնշումներ ըրին Կարապետ Ազնաւորեանի վրայ, եւ անոր ձեռքով Պօղոս պատրիարքի վրայ, որպէսզի գործնական ձեռնարկներ անցընեն: Իրօք ալ երկու կողմէն մտերմական բանակցութիւններ սկսան 1819 տարւոյ վերջին ամիսներու մէջ: Հռոմէադաւաններուն կողմէ առջեւ անցնողներ Վենետկեան միաբաններն էին, որոնցմէ քսանի չափ Կ. Պոլիս կը գտնուէին (ՊԷՐ. 106), եւ աշխարհականներէն իրենց հետ ունէին Մանուկ եւ Մատթէոս Ալլահվէրտեաններէ առաջնորդուած խմբակ մը, քանի որ Տիւզեանք այլ եւս չկային: Սակայն հռոմէականաց մեծամասնութիւնը, եւ կղերականներէ աւելի շատեր ասոնց հետ չէին: Վենետկեանք սովորաբար Աբբայեան անունով կը յիշուէին, իբր Մխիթար Աբբայի աշակերտներ. իսկ միւս կողմը Քօլէճեան կը կոչուէր, զի գլխաւորները Փրոփականտայի քօլէճին կամ դպրանոցին աշակերտութենէն էին. եւ իրենց հետ ունէին Վիէննայի Մխիթարեանները խմբովին եւ Անտոնեաններէն ալ քանիներ: Աբբայեան եւ Քօլէճեան յորջորջումները աւելի յաճախ տաճկերէնի վերջաւորութեամբ Աբբալը եւ Քօլէճլի կը հնչուէին, եւ կամաւոր աղաւաղութեամբ Ապալը եւ Քըլըճլը կ՚ըսուէին, որ բառացի թարգմանութեամբ քրձազգեաց եւ սուսերաւոր կը նշանակէ:

2367. ՀԵՏԱՊՆԴՈՂ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

Մտերմական բանակցութիւնները բաւական քաջալերեցին Աբբայեանները, որոնց գլխաւորներէն հայր Մեսրոպ Աղաչրաղեան 1820 յունուար 1-ին Եօնուզեան Յովհաննէսի միջնորդութեամբ պաշտօնական տեսակցութիւն խնդրեց հայոց գլխաւորներէն: Պէզճեան եւ Պալեան եւ Ազնաւորեան անձամբ գացին Եօնուզեանի տունը, եւ առաջարկեցին որ Աբբայեան եւ Քօլէճեան եկեղեցականներ հայ եկեղեցւոյ պաշտօնական գիրքերուն մասին կարծիքնին յայտնեն եւ թիւրիմացութիւններ վերցուին: Աբբայեան կողմը սիրով ղրկեց առաջարկը, բայց ուզեց պապական նուիրակին եւ գաղղիական դեսպանին արտօնութեամբն ալ զօրանալ: Դիմեց եւ ստացաւ, յուսադրելով, թէ քանի որ առաջարկը միւս կողմէն կու գայ, չփախչելով եւ մօտենալով կրնան հռոմէականութեան օգտակար ըլլալ: Ասոր վրայ Քօլէճեան կողմի եկեղեցականներէն ալ ոմանք բանակցութեանց մասնակցելու հաւանեցան (ՊԷՐ. 108): Երբոր ընդհանուր համամտութեամբ գործին պիտի ձեռնարկուէր, հռոմէականաց մոլեռանդները պատրուակներ գտան պապական նուիրակին գաղղիական դեսպանին միտքերը փոխել, եւ տրուած հաւանութիւնը ետ առնել տալ: Սակայն Աբբայեանք, նկատել տուին, թէ արգելքը վերջին վայրկեանին փասքուս զրպարտութեանց զօրութեամբ տրուած որոշում մըն էր, եւ որոշեցին ետ չկենալ, մանաւանդ որ հայոց մեծամեծներ հաղորդած էին պատրիարքին տրուած խիստ հրամանին պարունակութիւնը 2364): Յունուար 19-ին Աբբայեանց կողմէն, Մեսրոպ Աղաչրաղեան, Թովմաս Մաքսէթեան, եւ Սերովբէ Ճէվահիրճեան վարդապետները, Եօնուզեանի տունը ներկայացան, եւ 23-ին վերջնական ձեւի մը յանգելու որոշումը տուին: Տակաւին կ՚ապրէր ծերունին Չամչեան Միքայէլ վարդապետ, որուն գործունէութիւնը ներկայացուցած ենք իր կարգին (§Ճ 2163-2168): Բայց այլ եւս տկարացած եւ ի մահիճս ցաւագնեալ էր, այսու հանդերձ իր հին գաղափարին իրականացումը մօտեցած կարծելով, խնդագին քաջալերական մը կը գրէր իր միաբանակիցներուն յունուար 18 թուականով, թէ միով հոգւով զօրացեալք ի կատարումն առաջիկայ գործոյդ փութացէք (ՍԱՒ. 1141): Նշանակեալ օրը Եօնուզեանի տունը աւելի բազմութեամբ գտնուեցան, զի վերոյիշեալ երեքներէն զատ եկեր էին նաեւ Քերովբէ Ազնաւորեան, Գրիգոր Գապարաճեան եւ Թադէոս Ասկէրեան վարդապետներ վենետիկեաններէն. Պօղոս Բժշկեան եւ Սահակ Կարնեցի եւ Պետրոս վարդապետներ ուրիշ աշակերտութենէ, եւ Ստեփանոս եպիսկոպոս Աւգերեան: Երկուստեք հաւանութիւն յայտնուեցաւ որ երեքական անձեր նշանակուին իբր քննիչ, եւ ընտրուեցան, պատրիարքարանի կողմէն Մեսրոպ Գումքաբուի եւ Բարթողիմէոս Իւսկիւտարի քահանաներ եւ Թագւոր պատրիարքարանի վարժապետ. իսկ հռոմէականներէն Աղաչրաղեան եւ Մաքսէթեան եւ Ճէվահիրճեան վարդապետներ: Յանձնախումբին նախագահ նշանակուեցաւ Ստեփան եպիսկոպոս Աւգերեան, երբեմն լատին նուիրակին օգնական, որ զիջաւ ընկերանալ պատրիարքի բացարձակ հրամանին վրայ, եւ իր դերն եղաւ բանակցութեանց կարգապահութեան հսկել, եւ երբեմն ալ հակառակ կարծիքները համաձայնեցնելու համար ձեւեր եւ բացատրութիւններ թելադրել (ՊԷՐ. 119): Յունուարի վերջերը սկսուած բանակցութիւնները մինչեւ ապրիլի սկիզբը շարունակեցին (01. ՕՐԱ. 183):

2368. ՔԱՆԻ ՄԸ ԴԷՊՔԵՐ

Բանակցութեանց նիւթ եղող խնդիրներուն չանցած, յիշենք քանի մը մասնաւոր դէպքեր, որ գործին ընթացքին լոյս կը սփռեն: Տիւզեան վեց եղբայրներէն Յակոբ Կ. Պոլիս բացակայ էր երբ եղբայրները բանտարկուեցան, եւ Քիոս կամ Սաքըզ կղզին կը գտնուէր, բայց ուր ըլլալը յայտնուելով Կ. Պոլիս բերուեցաւ 1819 հոկտեմբեր 12-ին, աղէտալի օրէն ութն օր ետքը, եւ միւսներուն հետ բանտարկուեցաւ (ՊԷՐ. 455): Յունուար 1-ին պատրիարքարան յանձնուեցան Տիւզեանց եւ անոնց պարագայից տուները գտնուած եկեղեցական սպասները եւ զարդերը, փոխանակ հազար քսակ գումարի, որ հռոմէականներէն պահանջուեցաւ (ՊԷՐ. 456): Տիւզեանց խնդիրով ձերբակալեալներ շարունակեցին բանտի մէջ մնալ, բայց ամիսներ անցնելով եւ ոմանց դատապարտուելովը խնդիրն իր սաստկութիւնը կորսնցուց: Պատրիարք եւ մեծամեծներ, որոնք հռոմէականներու հետ բարեկամական յարաբերութիւններ կը մշակէին, քաջալերուեցան անոնց ազատութեան համար միջնորդել. Պէզճեան արքունեաց ազդեցիկները ձեռք առաւ եւ յաջողեցաւ անոնց կեանքին շնորհն ստանալ: Ասոր վրայ բոլոր բանտարկեալներ պատրիարքարան յանձնուեցան, պայմանով որ Տիւզեան եղբայրներ Կարապետ եւ Յակոբ եւ Պօղոս հօրեղբօրորդինին Յարութիւն, եւ Ալեքսանեան ու Թընկըրեան ու Չամիչեան ու Ազնաւորեան խնամիներ Կ. Պոլիսէ հեռացուին, եւ մնացեալներ` այրեր ու կիներ ազատ թողուին: Աքսորուելիքներ պատրիարքի կարգադրութեամբ յարմարագոյն տեղեր ղրկուեցան, Փոքր Ասիա կամ կղզիներ, իսկ երեք եղբայրներ Կեսարիոյ Ս. Կարապետի վանքը յղուեցան առաջնորդ Ստեփան վարդապետի յատուկ խնամոց ներքեւ: Ասոնց աքսորը նշանակուած է 1820 մարտ 1-ին (03 ԺՄՆ. 50): Ասկէ առաջ հրաման եկած էր որ Տիւզեանց տուները յաճախող վեց եկեղեցականները աքսորուին: Ասոնք Վենետկոյ միաբաններէն պիտի ըլլային անշուշտ, բայց անուններ տրուած չէին, ուստի պատրիարք եւ Պէզճեան օգուտ քաղեցին որեւէ կերպով ու չափով Տիւզեանց հետ յարաբերութիւն ունեցող ուրիշ հինգ եկեղեցականներու վրայ գործադրել հրամանը, որոնց կամովին ընկերացաւ վենետիկեաններէն Դաւիթ վարդապետը: Այս վեցերուն աքսորը եղած էր յունուար 13-ին (ՊԷՐ. 456):

2369. ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՕԾՈՒՄԸ

Այդ ոչ ուրախալի դէպքերը ընդմիջուեցան Մայրեկեղեցւոյ օծման հանդէսներով, որոնք տեղի ունեցան վերջերս կատարուած նորոգութեանց պատճառով, որոնց գլուխը կանգնած էր Պէզճեան, ուրիշ մեծամեծներու մասնակցութեամբ: Օծման կարգը, 1820 փետրուար 25 չորեքշաբթի օրուան առաջին գիշերէն սկսելով, մինչեւ յաջորդ փետրուար 26 հինգշաբթի կէսօրը տեւած է (ՊԷՐ. 458): Արարողութիւնը չորս անձերու վրայ բաժանուած է, անշուշտ յոգնութիւնն ալ բաժնելու համար: Պօղոս պատրիարք միջին տաճարը օծած է, Կիրակոս կաթողիկոս Ս. Որդւոց Որոտման հարաւային եկեղեցին, Աստուածատուր եպիսկոպոս Ս. Խաչի հիւսիսային եկեղեցին, եւ Դիոնեսիոս եպիսկոպոս միջին տաճարին գաւիթը: Արարողութեան երկար տեւողութիւնը կը ցուցնէ, թէ չորս օծումները իրարու ետեւ կատարուած են, ամբողջութիւնը միեւնոյն օրը լրացնելու համար