2528.
ԱՇԽԱՐՀԱԿԱՆԱՑ
ՀԵՌԱՑՈՒՄ
Բացարձակ
կերպով
չենք
կրնար
ուրանալ,
որ
մեծ
քայլ
մը
եւ
հիմնական
օգուտ
մըն
է,
որոշուած
եւ
պաշտօնապէս
հաստատուած
եւ
գործադրութեանց
միջոցներով
զօրացած
կանոնադրութիւն
մը
ունենալ,
մինչ
իսկ
թերի
եւ
դիտողութեանց
տեղի
տուող
բան
մը
ունենալը,
բնաւ
չունենալէն
տասնապատիկ
եւ
հարիւրապատիկ
լաւագոյն
է:
Մանաւանդ
եթէ
նկատի
առնուի
Սիմէոն
Երեւանցիի
մահուան
յաջորդող
շփոթութեանց
եւ
խռովութեանց
կիսադարեան
միջոցը,
որ
հետեւանք
էր
ընտրողական
եւ
վարչական
եւ
ներքին
յարաբերական
առձեռն
օրէնք
մը
եւ
հաստատուն
կանոնադրութիւն
մը
չգտնուելուն:
Մայրաթոռոյ
ռուսական
թեւարկութեան
ներքեւ
անցնիլը
այդ
միջոցին
էր,
եւ
կառավարութիւնը
առաջին
օրերէն
հաստատուն
կանոնադրութեան
պէտքը
զգաց,
եւ
պէտք
է
խոստովանիլ
թէ
հապճէպ
շտապով
ալ
չգործեց,
եթէ
1827-ին
սկսած
գործ
մը
1836-ին
վերջացաւ:
Իսկ
Հայ
եկեղեցւոյ
ուղղութեան
հետ
համեմատութիւնը
նկատի
առած
ատեննիս,
ամենէն
աւելի
աչքի
զարնող
կէտ
մը
կը
գտնենք
աշխարհական
տարրին
կատարելապէս
հեռու
պահուիլը:
Հայոց
մէջ
հայ
եկեղեցականութիւնը
եկեղեցւոյ
բացարձակ
տէրը
չի
նկատուիր,
եւ
խորհրդակատարութիւններէն
դուրս
ընտրութեան
եւ
վարչութեան
եւ
մատակարարական
ճիւղերուն
մէջ
ընդարձակ
տեղ
կու
տայ
աշխարհականներուն:
Իսկ
Պօլօժէնիէն
Հայ
եկեղեցին
ամբողջապէս
եկեղեցականին
կը
յանձնէ,
եւ
աշխարհականը
կը
յիշուի
միայն
կաթողիկոսի
եւ
ոչ
իսկ
առաջնորդներու
ընտրութեան
մէջ,
եւ
հոն
ալ
թիւի
գերակշռութիւն
տալով
եկեղեցականութեան:
Իսկ
մատակարարութեան
մէջ
միայն
եկեղեցպան
մը
կայ,
նա
ալ
եկեղեցական
իշխանութեան
ներքեւ
գրուած:
Մնացեալին
մէջ
ընտրութիւն,
վարչութիւն,
մատակարարութիւն,
դատաստան,
կրթութիւն,
ոչ
միայն
հայրապետական
այլեւ
առաջնորդական
շրջանակներու
մէջ,
ամբողջապէս
եկեղեցականներու
յանձնուած
են:
Չենք
գիտեր
թէ
ասկից
աւելի
ազդուեցաւ
այդ
աշխարհականներու
զրկումը:
Իրաւ
անգամ
մը
Տփղիսի
շփոթները
առիթ
տուին
աշխարհականներուն
ոտնձգութիւնները
արգիլելու,
եւ
այդ
սկզբունքով
փակուեցան
այն
խնդիրները,
սակայն
տարբեր
էր
Դարչիի
նմաններուն
զեղծումը,
եւ
տարբեր
օրինաւոր
կազմակերպութիւն
մը:
Տփղիսեան
յանձնաժողովին
եւ
Ղրիմեցի
վարդապետին
նախագիծերն
ալ
աշխարհականներու
մասնակցութիւն
չեն
նշանակած
որեւէ
վարչութեան
եւ
մատակարարութեան
մէջ:
Այդ
մասին
տարբեր
եղած
են
Տաճկահայոց
ըմբռնումն
ու
գործադրութիւնը,
եւ
Տաճկահայերէ
ընտրուած
կաթողիկոսներ
մասնակի
փոփոխութիւններ
աշխատած
են
մուծանել
Պօլօժէնիէի
կարգադրութեանց
մէջ,
օգտուելով
գլխաւորապէս
այն
մասերէն,
որոնք
Պօլօժէնիէի
մէջ
նկատի
առնւած
չեն:
Սակայն
այստեղ
անոնց
հետեւելու
տեղը
չէ:
2529.
ՊԵՏԱԿԱՆ
ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԻՒՆ
Երկրորդ
կէտը
որ
աչքի
կը
զարնէ,
պետական
իշխանութեան
տարապայման
միջամտութիւնն
է
Հայ
եկեղեցւոյ
գործերուն
մէջ:
Իրաւ
բոլոր
պետական
պաշտօնագիրներ
խնամով
կը
կրկնեն
Հայ
եկեղեցւոյ
օրինաց
եւ
աւանդութեան
պահպանութիւննը,
սակայն
անոնք
պետական
պահանջներու
ալ
կուզեն
համաձայնեցնել,
եւ
ինչպէս
ըսինք,
որթոտոքս
եկեղեցւոյ
ուղղութիւնը,
եւ
առանձին
կերպով
ռուսական
հայեցողութիւնը
այն
սկզբունքն
ունին,
որ
եկեղեցին
պետութեան
մէջ
նկատուի
եւ
պետական
հսկողութեան
ներքեւ
մնայ
(§
2515):
Ամէն
առիթի
մէջ
կը
տիրէ
կայսեր
երկու
ընտրեալներ
ներկայելու
ձեւը,
եւ
անոր
կամքին
կը
թողուի
երկուքէն
մէկը
նախադասել,
մինչեւ
իսկ
առաջնորդաց
ընտրութեան
մէջ
երկու
ընտրեալներու
ձեւը
լռութեամբ
կ՚անցնի
(ՊՕԼ.
11,
ԵՐՑ.
Բ.
568),
ամէն
որոշում
եւ
կանոն
պետական
հաստատութեան
կ՚ենթարկուի,
տեղեկագիրներ
եւ
յիշատակագիրներ,
վիճակագիրներ
եւ
հաշուեգիրներ
ներքին
գործոց
նախարարութեան
կը
ներկայացուին,
թող
պրոկուրորի
տեղւոյ
վրայ
մշտատեւ
հսկողութիւնը:
Այդ
մասին
ուրիշ
բան
մը
չենք
կրնար
ըսել,
բայց
եթէ
շատ
վիճաբանելու
տեղի
չի
մնար
ուր
որ
իշխանութիւնն
է
որ
ձայն
կը
բարձրացնէ.
բայց
կ՚երեւի
թէ
ռուսական
պետութիւնը
ուզած
է
օգտուիլ
այն
նախընթացներէն,
զոր
պատմութիւնը
կը
յիշէ
բիւզանդական
կայսրներուն
եւ
հայ
թագաւորներուն
եկեղեցական
գործերու
միջամտելնուն
եւ
ազդեցութիւն
գործածելնուն
մասին:
Իբրեւ
հետեւանք
միայն
այդ
կրնանք
աւելցնել,
թէ
եկեղեցական
իշխանութիւնները
լոկ
բարոյական
միջոցներ
ունենալնուն,
եւ
կարգապահութիւնն
ու
բարեկարգութիւնը
բռնադատիչ
միջոցներու
ալ
պէտք
ունենալնուն,
յաճախ
օգտակար
եղած
է
եւ
կըլլայ
պետական
միջամտութիւնը,
նոյնիսկ
եկեղեցական
գործողութեանց
մէջ:
Պէտք
չէ
ալ
լռենք
որ
եկեղեցական
բարեկարգութեան
համար
աւելի
ազդեցիկ
եղած
է
Պօլօժէնիէն
Ռուսահայոց
համար,
քան
Սամանադրութիւնը
Տնճկահայոց
համար:
Վերլուծումը
եւ
դիտողութիւնները
այստեղ
կը
փակենք,
մանաւանդ
որ
նպատակնիս
քննադատական
գրութիւն
մը
կազմել
չէ,
եւ
կը
դառնանք
պատմական
պարագաներուն:
2530.
ԵՐԵՔ
ԿԷՏԵՐ
Պօլօժէնիէի
կայսերական
հրովարտակը
կաթողիկոս
հայրապետի
հետ
խորհրդակցութիւն
կատարուած
կ՚ըսէ,
հաստատութեան
չանցած
(ԵՐՑ.
Բ.
403),
որ
կրնար
Յովհաննէսի
առիթ
ընծայել
դիտողութիւնները
ընելու.
սակայն
նա
հաճոյակատար
մնալու
կամքով
կ՚երեւի
թէ
ոչ
մի
դիտողութիւն
չէ
ըրած,
եւ
ոչ
իսկ
կանոնագրութեան
ամբողջութիւնը
գիտնալու
հետեւած
է,
վասնզի
ամէն
բան
աւարտելէն
ետքը,
երբոր
Պօլօժէնիէն
իրեն
կը
յանձնւի
եւ
թարգմանութիւնը
կը
տեսնէ,
եւ
զանազան
կողմերէ
դիտողութիւններ
իրեն
կը
հաղորդուին,
այն
ատեն
միայն
կը
ստիպուի
քանի
մը
յօդուածներու
փոփոխութեանը
հետամտիլ:
Իր
առաջարկած
կէտերը
երեք
էին:
Առաջինը
կաթողիկոսներու
(ՊՕԼ.
5,
ԵՐՑ.
Բ.
558),
եպիսկոպոսներու
(ՊՕԼ.
13,
ԵՐՑ.
Բ.
571),
եւ
բոլոր
վանականներու
(ՊՕԼ.
17,
ԵՐՑ.
Բ.
576),
թողօններուն
իրենց
օրինաւոր,
այսինքն
ազգակցական
ժառանգներուն
անցնիլը
կամ
կտակով
տրամադրելի
ըլլալը:
Երկրորդ,
թեմակալ
առաջնորդներուն
բացարձակ
կերպով
կայսրէն
ընտրուիլը
(ՊՕԼ.
11,
ԵՐՑ.
Բ
568),
եւ
երրորդը`
սինոդական
պաշտօնէութեան
(ՊՕԼ.
10,
ԵՐՑ.
Բ.
566)
ռոճիկները
վճարելու
բեռը,
որ
տարեկան
3750
ռուբլիի
կը
հասնէր
(ԵՐՑ.
Բ.
407),
զի
միայն
Պրոկուրորին
ռոճիկը
արքունի
գանձէն
պիտի
տրուէր
(ՊՕԼ.
9.
ԵՐՑ.
Բ.
564):
Այս
երեք
կէտերը
Յովհաննէս
գուցէ
ակամայից
ստիպուած
Ռօզէնի
ներկայեց,
որովհետեւ
իրեն
հաճոյակատարութեան
համաձայն
քայլ
մը
չէր,
բայց
սրտացաւ
անձանց
բողոքը
այս
անգամ
շատ
ազդու
էր
(ԵՐՑ.
Բ.
406):
Կառավարչապետը
խնդիրը
նոյնութեամբ
նախարարին
հաղորդեց,
որ
օգոստոս
20-ին
պատասխանեց,
թէ
թողօնի
խնդիրը
փոխել
անհնար
է,
թէ
թեմակալներու
համար
հնար
է
սինոդականներու
մասին
ցուցուած
ձեւով
(ԵՐՑ.
Բ.
559)
կաթողիկոսին
կողմէ
երկու
ընտրելի
ցուցուիլ,
եւ
թէ
դիւանին
պաշտօնէութեան
ռոճիկներ
հարկաւ
առաջ
ալ
կը
տրուէն:
Կառավարչապետը
դիմումը
կրկնեց
միայն
երրորդ
կէտի
վրայ,
թէ
մինչեւ
հիմա
ամենայն
ինչ
մէկ
կամ
երկու
միաբանի
ձեռքով
կը
լրանար,
եւ
այս
կերպով
տարեկան
3750
ռուբլիի
ծախքը
Երեւանի
նահանգային
սնտուկին
անցաւ
կայսերական
հաւանութեամբ:
2531.
ՍԻՆՈԴԻ
ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆ
Երբ
այս
բանակցութիւնները
կ՚ըլլային,
միւս
կողմէն
գործադութեան
ուրիշ
մասերն
ալ
կը
պատրաստուէին,
եւ
գլխաւորապէս
Սինոդի
կազմութիւնը:
Ութը
անդամներու
համար
16
անուններ
պէտք
էր
առաջարկուէին,
սակայն
կաթողիկոսը
չորս
եպիսկոպոսները
ուզեց
պահել
պաշտօնի
վրայ
եղողներէն,
եւ
առաջարկեց
Բարսեղ,
Ղուկաս,
Յովսէփ
եւ
Ստեփանոս
Արարատեան
եպիսկոպոսները,
իսկ
չորս
վարդապետներուն
համար
առաջին
կարգին
առաջարկեց
Յովհաննէս
Ղրիմեցի,
Սահակ
Սաթունեան,
Յովհաննէս
Վաղարշապատցի,
եւ
Յովհաննէս
Շահխաթունեան,
եւ
անոր
թիւը
լրացնելու
համար
երկրորդական
կարգին
առաջարկեց
Յովհաննէս
Անտոնեան,
Սիմէոն
Փառաքարցի,
Յովսէփ
Մկրտչեան
եւ
Մկրտիչ
Աշտարակեցի
վարդապետները:
Եպիսկոպոսները
եւ
առաջին
կարգի
մէջ
նշանակուած
վարդապետները
հաստատուեցան
դեկտեմբեր
15-ին
նախարարական
պաշտօնագիրով
(ԵՐՑ,
Բ.
416):
Սիոդական
պաշտօնէութեան
մէջ
պրոկուրորութիւնը
տրուեցաւ
նահանգապէտ
Բեհբութեանի
քրոջ
որդի
Թովմաս
Ղորղանեանի,
իսկ
ատենադպրութիւնը
Կարբեցի
կաթողիկոսի
թարգման
Մկրտիչ
Քարտաշեանի:
Վեց
թեմակալութեանց
մասին
Բաղտասար
եւ
Ներսէս
եւ
Սերովբէ
պահուեցան
Արցախի
եւ
Բեսարաբիոյ
եւ
Աստրախանի
վիճակներուն
վրայ:
Կարնոյ
եւ
Կարսի
գաղթականներուն
առժամեայ
առաջնորդութիւնները
վերջացնելու
համար
Կարապետ
Կարնեցին
նշանակուեցաւ
Տփղիսի
կամ
Վրաստանի
աթոռին,
եւ
Ստեփաննոս
Մաժակեանը
Շիրուանի
կամ
Շամախի
աթոռին,
իսկ
Արղութեան
Տփղիսէ
Երեւան
անցաւ
եւ
Տփղիսի
խնդիրն
ալ
փակուեցաւ
(§
2507):
Սինոդի
համար
յատուկ
սիւնհոդոսարանի
շինուած
մըն
ալ
հիմնուած
էր
Վեհարանի
ետեւի
բակին
վրայ,
առջեւն
ալ
սիւնազարդ
ճեմլիքով,
Յովհաննէս
Տփղիսէ
դարձաւ,
1836
հոկտեմբեր1-ին,
եւ
1837
յունուար
1-էն
Պօլօժէնիէն
պաշտօնական
գործադրութեան
մտաւ
(ԵՐՑ.
Բ.
420),
բայց
բացման
հանդէսը
յատաձգուեցաւ
մինչեւ
յատուկ
շէնքին
աւարտումը,
եւ
վերջապէս
որոշուեցաւ
կատարել
1837
փետրուար
22-ին,
Բարեկենդանի
ուրախութեանց
երկուշաբթին,
Ղեւոնդեանց
տօնին
նախընթաց
օրը:
Ամէն
հնարաւոր
շքեղութիւն
տրուեցաւ
հանդէսին,
որուն
ներկայ
եղան
նահանգապետ
Բեհբութեան
եւ
նահանգական
պաշտօնէութիւն,
Երեւանի
մահմետական
դատաւորն
իրեն
հետեւորդներով,
Երեւանի
եւ
շրջակայից
գլխաւոր
հայազգիք
եւ
խուռն
ժողովուրդ:
Եկեղեցւոյ
պատարագը
մատոյց
Սինոդին
նախանդամ
Բարսեղ,
իսկ
Յովհաննէս
հանդիսապետ
կանգնեցաւ
եւ
կայսերական
մաղթանքները
արտասանեց.
կայսերական
հաւատարմութեան
եւ
Պօլօժէնիէի
հնազանդութեան
երդումները
կատարուեցան,
եւ
սիւնհոդոսարանի
մէջ
բացման
նիստ
կայացաւ,
Պրոկուրոր
Ղորղանեանի
կողմէ
ատենաբանութիւն
խօսուեցաւ
եւ
ի
վերջոյ
մեծածախս
հացկերոյթ
տրուեցաւ,
բազմաթիւ
բաժակաճառերով:
Այսպէս
լրացաւ
Էջմիածնի
աթոռին
կանոնադրութեան
գործը,
որուն
առաջին
գաղափարը
Կ.
Պոլիսէ
էր
ծագած
1780-ին
(§
2125),
առաջին
պաշտօնական
ձեւը
Դանիէլ
էր
տուած
1806-ին
(§
2287),
առաջնակարգ
պաշտպանը
հանդիսացած
էր
Աշտարակեցին,
բայց
լրմանը
ներկայ
չէր,
մինչ
իր
գաղափարին
հակառակորդը
եւ
բացարձակ
իշխանութեան
հետամուտ
եղող
Կարբեցին
էր,
որ
գործի
նուիրականանալուն
եւ
իր
իշխանութեան
չափաւորուելուն
հանդէսը
կը
կատարէր:
2531.
ԿԱՐԱՊԵՏ
ԿԱՐՆԵՑԻ
Գլխաւոր
եղելութիւնները
հանգրուաններ
սեպելով
պատմութեան
գետինը
փոխել
սովորութիւն
ըրած
էինք,
եւ
ի
դէպ
էր
Սինոդի
կազմութիւնն
ալ
նոյնպէս
նկատել,
բայց
այս
անգամ
եղելութեան
ամբողջութիւնը
լրացնելու
համար
պէտք
կը
զգանք
անոր
յարակից
պարագաներն
ալ
աւելցնել:
Ըստ
այսմ
նախ
ներկայացնենք
երկու
անձեր,
որոնց
անունը
բաւական
հռչակ
գտած
է:
Առաջինն
է
Կարապետ
արքեպիսկոպոսը,
զոր
Ախլցխայի
կամ
Տայոց
կողմերը
հաստատուած
Կարնեցի
գաղթականութեանց
առաջնորդութենէն
Տփղիսի
աթոռը
փոխադրուած
յիշեցինք:
Կարապետ,
աւազանի
անունով
Յովհաննէս,
թոռն
էր
Սպեր
գաւառի
Հունուտ
գիւղի
իշխան
Եղիկեան
Կարապետի,
որ
Բագրատունեան
մականուն
առած
էր`
Սպերը
Բագրատունեանց
բնագաւառը
ըլլալէն:
Հայրը
Գրիգոր
իր
նշանած
Արեգնազանին
հետ
Հունուտէ
փախած
էր
Կարնոյ
Կան
գիւղը,
առեւանգութենէ
ազատելու
համար,
եւ
Կանէ
Կարին
փոխադրուելով
1779
մայիս
18-ին
ունեցած
էր
իր
անդրանիկ
Յովհաննէսը
(75
ՓՈՐՁ.
166):
Հայրը
ժանտախտէ
մեռնելով,
եւ
մայրը
երկրորդ
ամուսնութեան
անցնելով,
անտէրունջ
տղան
արհեստի
կը
դրուի,
բայց
կարդալու
փափաքով
առաջնորդ
Միքայէլ
եպիսկոպոսին
կ՚ապաւինի,
որ
Ակն
ալ
կը
վարէր
իբրեւ
յարակից
վիճակ:
Անոր
պաշտապանութեամբ
Կ.
Պոլիս
ուսման
կը
ղրկուի,
1795-ին
կը
դառնայ,
հետզհետէ
դպիր
եւ
սարկաւագ
եւ
1801-ին
վարդապետ
կը
ձեռնադրուի,
եւ
Կարնոյ
ու
Ակնայ
եկեղեցական
կալուածոց
տեսուչ
կը
նշանակուի:
Միքայէլ
կը
վախճանի
1804-ին,
եւ
թէպէտ
ժողովուրդը
գործունեայ
Կարապետ
վարդապետը
յաջորդ
կ՚ուզէ,
այլ
ուրիշ
մը
կը
յաջողի:
Կարապետ
Կ.
Պոլիս
կ՚անցնի,
եւ
Յովհաննէս
պատրիարքին
պաշտպանութեամբ
1808
օգոստոս
21-ին
Կարին
կը
դառնայ,
կոնդակով
եւ
հրովարտակով
հաստատուած
առաջնորդ,
եւ
1811
նոյեմբեր
2-ին
եպիսկոպոս
կը
ձեռնադրուի
Եփրեմ
կաթողիկոսէ:
Կարապետ
եպիսկոպոս
գրիչով
եւ
մանաւանդ
լեզուով
յաջողակ,
ալ
աւելի
մեծ
եղած
է
անխոնջ,
տոկուն,
ճարտար
եւ
հնարագէտ
գործունէութեամբ,
դժուարութիւններէ
չընկճուելով
եւ
յուսախաբութիւն
չճանչնալով:
Իր
համոզմամբ
մարդկային
եղելութիւնները
ոչ
ուղղակի
յերեսաց
Աստուծոյ
այլ
մանաւանդ
ինքեան
մարդոյն
յառաջ
կու
գային,
ուստի
մարդկային
անհոգութիւնն
ու
տգիտութիւնը
կ՚աշխատէր
դարմանել
(75
ՓՈՐՁ.
171):
Իր
գլխաւոր
արդիւնքներուն
կարգին
պէտք
է
յիշուին,
1811-ի
Կարնոյ
սովին
համար
տարած
խնամքը,
հարիւրաւորներ
քանի
մը
տարիներ
իր
միջոցներով
կերակրելը,
վանական
եւ
եկեղեցական
կալուածներ
գրաւումէ
ազատելը,
աղքատաց
գանձանակ
հաստատելը,
Կարապետեան
նախընծայ
դպրոցը
բանալը,
եւ
իբրեւ
արդար
եւ
իրաւարար
դատաւոր
հանրութենէ
յարգուիլը,
այնպէս
որ
կտրածը
կտրած
էր
եւ
կապածը
կապած:
Իրեն
կը
վերագրուին
եւս
Կարնոյ
Կարմիր
վանքի
եւ
Խաչկավանքի
նորոգութիւնները,
ընդհանրապէս
ժողովուրդին
բարոյականութեանը
եւ
մանկտւոյն
դաստիարակութեան
ջանքը,
դպրոցը
մանուկներու
պարտաւորիչ
ընելու
կանոնը,
մինչեւ
իսկ
40-50
աշակերտներ
առաջնորդարանի
մէջ
կերակրելը
եւ
հագուեցնելը,
եւ
տուներու
ալ
նպաստ
բաշխելը,
որպէսզի
տղաքը
փոխանակ
շուկայի`
դպրոցի
հետեւին:
Ուսմանց
կանոնաւորութեան
համար
ալ
լաւագոյն
վարժապետներ
Կ.
Պոլիսէ
հրաւիրած
էր,
որոնց
մէջ
կը
յիշուին,
Յովհաննէս
Արդար,
Գրիգոր
Շէքէրճեան,
Կարապետ
Վանցի,
Գէորգ
Տէր
Յովհաննէսեան,
եւ
Կարապետ
Չմշկեան
(75
ՓՈՐՁ.
173-175):
Կառավարութեան
առջեւ
ալ
ազդեցիկ
դիրք
ստացած
էր,
գիտէր
լաւ
յարաբերութիւններ
մշակել
եւ
միանգամայն
օգտակար
որոշումներ
ձեռք
ձգել:
Այս
է
իր
առաջնորդութեան
առաջին
քսան
տարիներուն
պատկերը
մինչեւ
1828,
երբ
ծագեցաւ
ռուսեւթուրք
պատերազմը,
եւ
Կարին
նպատակակէտ
դարձաւ
ռուսական
արշաւանքին:
2533.
ԿԱՐԱՊԵՏԻ
ԳՈՐԾԵՐԸ
Ռուսական
բանակին
Կարին
չհասած
տարած
յաղթութիւնները,
եւ
քիրստոնեաներէն
գտած
համակիր
ընդունելութիւնը
կասկածներ
հրաւիրեցին
Կարնեցի
Հայոց
ընթացքին
վրայ,
եւ
զինւորական
իշխանութիւնը
գաղափար
յղացաւ
զանոնք
ջնջելու
իրենց
եպիսկոպոսէն
սկսելով:
Սպառնական
կոչին
գացած
ատեն,
ճամբուն
վրայ
կը
նուաղի
Կարապետ,
բայց
իր
հաւատարիմ
Գէորգ
Տէր-Դաւիթեանի
հոգածութեամբ
սթափելով,
կը
ներկայանայ
զինուորական
իշխանութեան:
Իր
կերպարանն
ու
բացատրութիւնները
գութ
կը
շարժեն,
եւ
Կարապետ
յանձն
առնելով,
Ս.
Նշանի
բարձունքին
շուրջը
իրեններով
խրամ
փորել,
զինքն
ալ
իրեններն
ալ
վտանգէն
կ՚ազատէ:
Կրկին
կենաց
վտանգ
մը
անցուց
Կարապետ,
երբ
ձեռք
ինկաւ
Եփրեմի
կոնդակը,
որով
Հայերը
Ռուսաց
օգնելու
կը
յորդորէր,
բայց
անկէ
ալ
ազատեցաւ
ճարտար
միջոցներով:
Երրորդ
վտանգ
մըն
ալ
անցուց
ռուս
բանակին
Կարնոյ
առջեւ
հասած
պահուն,
եւ
այս
անագմ
նկուղներու
մէջ
պահուըտելով
անցուց
վտանգաւոր
օրերը,
մինչեւ
որ
քաղաքը
անձնատուր
եղաւ,
եւ
Կարապետ
հանդիսաւորապէս
գնաց
ողջունել
Պասքեւիչը
Ս.
Նշանի
բարձունքին
վրայ
1829
յունիս
27-ին
(§
2432).
Կարնեցիք
յաջողութենէն
գինովցած
ամէն
տեսակ
նեղութիւններ
եւ
նախատինքներ
հասուցին
Տաճիկներուն,
անոնց
կրօնական
զգացումներն
ա'լ
վիրաւորելով,
եւ
օգուտ
չունեցան
Կարապետի
խոհական
խրատները:
Այնպէս
կը
կարծուէր
որ
Օսմանէան
տիրապետութիւնը
ալ
չի
նորոգուիր
Կարնոյ
վրայ,
սակայն
Ադրիանուպոլսոյ
դաշնագիրը
յուսախաբ
թողուց
ամէնքը,
եւ
այս
անգամ
Կարապետ
խմբովին
գաղթելու
մէջ
միայն
գտաւ
ժողովուրդին
ապահովութեան
յոյսը:
Գաղթականութեան
գաղափարը
զանազան
կողմերէ
ծագած
ըսինք,
թէ
Ներսէսէն
եւ
թէ
Ռուսերէն,
բայց
պէտք
չէ
դուրս
թողուլ
Կարապետի
ալ
ջանքը
իր
ժողովուրդը
ապագայ,
չարագոյն
վիճակէ
ազատելու
համար:
Արդէն
խօսած
ենք
այդ
գաղութիւն
պարագաներուն
վրայ
եւ
միտուընիս
անոր
վրայ
վերադառնալ
չէ:
Ինչ
որ
այստեղ
պէտք
է
աւելցնենք,
Կարապետի
այդ
մասին
ունեցած
արդիւնքն
է,
զի
ինքն
եղած
է
այդ
շարժումին
հոգին,
յորդորող
եւ
քաջալերող,
կարգադրող
եւ
գործադրող,
նեղութիւնները
թեթեւցնելու
աշխատող,
հնարաւոր
դիւրութիւններ
պատրաստող,
ոչ
միայն
Կարինէ
մինչեւ
Ախլցխա
ճամբուն
վրայ,
ուր
Կարնեցւոց
հանգրուանը
եղաւ,
այլեւ
Ախլցխայի
մէջ
տեղաւորելու
եւ
բնակավայր
կազմելու
մէջ:
Իրեն
արդիւնքն
են
Ախլցխայի
նոր
քաղաքամասը,
Փոցխով
գետի
աջակողմը,
Հայոց
նոր
եկեղեցիները,
նոր
վարժարանը
Կարապետեան
անունով,
եւ
գաղթի
խեղճութիւնները
վերջացնելով
բարեկեցիկ
վիճակ
մը
պատրաստելը:
Կարապետի
գլխաւոր
ձիրքերէն
մին
կը
նկատուի
ձեռքին
ներքեւ
ինկած
միջոցները
շահագործելու
եւ
դրամէ
դրամ
հանելու
ճարտարութիւնը
հողագործութեան
եւ
արհեստներու
եւ
առեւտուրի
յարգը
ճանչնալով
անձամբ
անոնց
հետեւելը,
եւ
ուրիշներն
ալ
նոյներու
յորդորելը,
եւ
այդ
նպատակով
գաղթականներուն
եօթը
տարի
մաքսէ
ազատ
մնալու
արտօնութիւնը,
զոր
ինքն
կառավարութենէն
խնդրեց
եւ
ստացաւ
(75
ՓՈՐՁ.
190):
Այդ
միջոցներով
Կարապետ
իրեն
համար
ալ
անձնական
լաւ
բախտ
մը
կազմեց,
այլ
ոչ
զոք
զրկելով
քանի
Ախլցխայի
մէջ
էր
(75
ՓՈՐՁ.
197):
Իրեն
կը
վերագրուի
հողատիրութեան
ոգի
մը,
լքուած
հողեր
չնչին
գիներով
գնել
գիւղերու
եւ
ձորերու
մէջ,
եւ
մշակելով
արդիւնաւորել,
որով
բազմաթիւ
կալուածներ
եւ
ագարակներ
շահեցուց
եկեղեցիներու
եւ
դպրոցներու,
եւ
բաւականաչափ
ալ
իրեն
պահեց
անձնական
սեփականութիւն:
Պարագայ
մըն
ալ
զոր
նկատողութենէ
վրիպեցնելու
չէ,
գանգատներու
եւ
բողոքներու
հանդէպ
աննկուն
մնալն
է:
Գաղթականութեան
առջի
օրէն
մինչեւ
բարեկեցութեան
սկսելուն
օրը,
երբեք
չդադրեցան
Կարապետի
դէմ
դիմումներն
ու
զայրոյթները,
ամէն
անգամ
որ
հանրութիւնը
կամ
ոմանք
դժուարութեան
կը
հանդիպէին:
Ամէն
բանի,
ուրկէ
ալ
ծագէր,
պատասխանատուն
մեծաւորն
էր,
այնպէս
որ
իրաւամբ
կրնանք
ըսել
թէ
նորա
կեանքը
ներկայում
է
մի
լի
վիշտերով
պատկեր
նիւթական
եւ
բարոյական
կատարեալ
մարտասիրութեան:
Բայց
նա
ամենայնի
յաղթեց,
իր
ժողովուրդին
հետ
նեղուեցաւ
եւ
ապրեցաւ,
եւ
այդ
մասին
ունեցած
արդիւնքին
վրայ
Պօլօժէնիէով
պետութեան
կողմէ
բացառիկ
առաջնորդութեան
շնորհը
ստացաւ
(ՊՕԼ.
11,
ԵՐՑ.
Բ.
568),
եւ
մայրաթոռոյ
առաջարկութեամբ
Տփղիսի
առաջնորդութեան
բարձրացաւ
(ԵՐՑ.
Բ.
420),
բայց
անկէ
ետքը
կարծես
թէ
իր
ընթացքը
տարբերեցաւ,
ինչպէս
պիտի
տեսնենք:
Կարապետի
պէս
նկատողութեան
արժանացաւ,
երբեմն
Կարսի
եւ
յետոյ
Շիրակայ
գաղթականաց
առաջորդ
Ստեփանոս
Խաժակեան,
որ
Շամախիի
կամ
Շիրվանի
առաջնորդ
նշանակուեցաւ,
եւ
օգտակար
եղած
էր
իրեններուն,
սակայն
մեզի
կը
պակսին
իր
կենսագրական
տեղեկութիւնները,
որ
յատուկ
կերպով
յառաջ
բերէինք:
2534.
ԲԱՂԴԱՍԱՐ
ՋԱԼԱԼԵԱՆ
Միւս
նշանաւոր
անձնաւորութիւնն
է
Աղուանից
կամ
Արցախու
կամ
Ղարաբաղի
կամ
Շուշիի
առաջնորդ
Բաղդասար
Մետրոպոլիտ,
ծնած
1775
յունուար
12-ին,
Կարապետէ
չորս
տարի
առաջ,
որդի
Հասան-Ջալալեան
Դանիէլ
բէգի,
զոր
նոր
վկաներու
կարգին
յիշեցինք
(§
2482):
Հասան-Ջալալեան
տոհմը
իշխանական
եղած
էր
հին
դարերէ
ի
վեր:
Իր
անունը
կ՚առնէ
Հասան-Ջալալ,
իշխանէ,
որ
ապրեցաւ
ԺԲ.
դարու
վերջերը,
եւ
որ
ուղիղ
գիծով
կիջնար
Սմբատ
Խոստովանողի
որդի
Սահլ
իշխանէն,
որ
Վրաց
եւ
Աղուանից
կողմերու
իշխանութիւնը
ստացաւ
ամիրապետէն
837-ին
(§
638):
Հասան-Ջալալեանք
իշխանութենէ
զատ
Աղուանից
կաթողիկոսութիւնն
ալ
ժառանգաբար
իրենց
տոհմին
մէջ
պահեցին
բաւական
ժամանակ,
մինչեւ
ծանօթ
Սարգիսը,
որուն
կաթողիկոսութիւնը
պարզ
մետրոպոլտութեան
փոխուեցաւ
վերջնականապէս
1815-ին,
եւ
որուն
Շուշիի
պաշարման
միջոցին
վարած
դերը
պատմեցինք
(§
2394):
Իպրահիմ
խանի
Ղարաբաղի
վրայ
բռնացած
ատեն
Բաղդասար
դեռ
մանուկ
էր,
բայց
հարկաւ
մասնակից
գտնուեցաւ
այն
նեղութեանց
որոնց
ենթարկուեցաւ
հայրը
Դանիէլ
եւ
հօրեղբայրը
Սարգիս
մետրոպոլիտ
1876-էն,
որ
տարին
ըսպաննուեցաւ
Յովհաննէս
Աղուանից
կաթողիկոսը
(§
2092):
Բաղդասար
իր
հոր
ընկերացաւ
Գանձակ
փախչելուն,
ուսկից
Դանիէլ
դարձաւ
եկեղեցւոյ
գանձերուն
համար,
բայց
բռնաւորին
ձեռքն
իյնալով
նահատակուեցաւ
1791-ին
(ՆՐՎ.
Բ.
254):
Իսկ
Բաղդասար
վայելեց
Ջաւատ
խանի
պաշտպանութիւնը,
որ
զմայլած
էր
մանաւանդ
անոր
յափշտակիչ
ձայնին.
1796-ին
սարկաւագ
եւ
1798-ին
վարդապետ
ձեռնադրուեցաւ
հորեղբորը
Սարգսի
ձեռքով,
որուն
հետ
Տփղիս
ալ
գնաց,
եւ
Վրաց
թագաւորներէ
ալ
հովանաւորութիւն
գտաւ,
եւ
Սարգիսի
Էջմիածին
եկած
ատեն
միատեղ
էր
Բաղդասար,
որ
Ղուկասէ
մեծագին
փիլոնով
եւ
ծայրագոյն
աստիճանով
պատուուեցաւ
իր
ձայնին
շնորհիւ:
Տասը
տարիներ
Սարգիսի
մօտ
մնաց
Հաղբատի
վանքը,
եւ
1808-ին
Ղարաբաղ
դարձաւ
ռուսական
հովանաւորութեան
ներքեւ
հայրենական
կալուածները
ձեռք
բերելու:
Չորս
տարի
աշխատեցաւ
Բաղդասար,
Գանձասարի
աթոռին
շէնքերը
նորոգեց
միաբանները
հաւաքեց,
ցրուած
գիւղականները
դարձուց,
գրաւուած
կալուածները
ազատեց,
բռնաւորներէն
դատաստանով
ետ
առաւ,
եւ
ամէն
կողմ
կարգադրեց
եւ
ծաղկեցուց,
եւ
Սարգիսը
Աթոռը
դարձուց:
Բայց
վերջինս
Պարսից
վստահանալով
նորէն
կաթողիկոսի
հովեր
սկսաւ
առնել,
մինչեւ
որ
1815-ին
Ներսէսի
ձեռքով
եւ
ռուսական
իշխանութեամբ
կաթողիկոսութիւնը
վերջացաւ:
Պարսիկ
իշխաններու
հետ
կալուածական
խնդիրներ
կը
շարունակէին,
ուստի
Սարգիս
իրեն
օգնական
եւ
յաջորդ
պատրաստելու
համար
Բաղդասարը
Էջմիածին
յղեց,
որ
1820
սեպտեմբեր
18-ին
եպիսկոպոս
ձեռնադրուեցաւ
Եփրեմէն:
Ութ
տարի
իբրեւ
օգնական
վարեց
Բաղդասար
մետրոպոլիտութիւնը,
մինչեւ
որ
1828-ին
Սարգիս
վախճանեցաւ,
եւ
գործերը
իր
վրայ
մնացին,
այլ
միայն
1830-ին
Էջմիածնի
մէջ
Արցախու
եւ
Աղուանից
երկիրներու
մետրոպոլիտութեան
պատիւը
ստացաւ
Եփրեմէն:
Բաղդասար
աւելի
եւս
զօրացած
նշանաւոր
բարեկարգութիւններ
կատարեց,
Գանձասարի
վանքին
առապարներուն
մէջ
արահետ
ճամբայ
բացաւ,
յետ
մնացած
վանական
կալուածներն
ալ
ազատեց
իբր
60
գիւղերու
մէջ,
միաբանութիւնը
զօրացուց,
դպրոց
բացաւ,
առաջնորդարան
շինեց,
հայաբնակութիւնը
աճեցուց,
պետութենէն
վարձատրուեցաւ,
եւ
ամենայն
իրաւամբ
1836-ի
Պօլօժէնիէին
գործադրուելուն
առթիւ
Արցախու
անունով
կազմուած
ընդարձակ
վիճակին
առաջնորդ
կարգուեցաւ,
պահելով
միշտ
մինչեւ
իր
մահը
մետրոպոլիտ
պատուանունը
(80
ՓՐՁ.
145-158):
2535.
ՍԻՆՈԴԱԿԱՆ
ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ
Նոր
Սինոդին
կազմուելէն
ետքը
պէք
չենք
զգար
անոր
գործունէութեան
մանրամասնութեանց
հետեւիլ,
զի
այս
մեր
տեսակէտին
դուրս
է.
իսկ
անոր
պաշտօնավարութեան
ձեւը
սկսաւ
նմանիլ
պետական
ատեաններու
մէջ
ընդհանրապէս
պահուած
ձեւակերպութիւններուն,
եւ
ոչ
եւս
նախընթաց
քմահաճոյ
ձեւերուն,
քանի
որ
ձեւակերպութիւնները
վարողներ
պետական
ատաեններու
մէջ
վարժուած
պաշտօնեաներ
էին:
Այդ
ձեւակերպութիւններու
համաձայն
գործերու
չորս
ճիւղեր
որոշուեցան,
կառավարչական,
հաշուական,
տնտեսական,
դատաստանական,
եւ
իւրաքանչիւր
ճիւղի
պատկանող
գործերուն
նախաքննութիւնը
սինոդականներու
վրայ
բաշխուեցաւ`
մէկ
եպիսկոպոս
եւ
մէկ
վարդապետ
յատկացնելով:
Առաջին
ճիւղը
յանձնուեցաւ
Բարսեղ
եպիսկոպոսի
եւ
Ղրիմեցի
վարդապետի,
երկրորդը
Յովսէփ
եպիսկոպոսի
եւ
Սաթունեան
վարդապետի,
երրորդը
Ղուկաս
եպիսկոպոսի
եւ
Վաղարշապատցի
վարդապետի,
չորրորդը
Ստեփան
եպիսկոպոսի
եւ
Շամխաթունեան
վարդապետի
(§
2531):
Կարւոր
որոշում
ալ
եղաւ
բոլոր
հոգեւոր
վարժարաններու
ընդհանուր
վերատեսուչ
մը
անուանել,
ամենուն
համար
հաւասար
ծրագիր
մշակելու,
կարգադրութիւններ
կազմելու,
եւ
ուսուցիչներ
ընտրելու
համար,
եւ
այդ
պաշտօնին
կոչուեցաւ
Յակոբ
Արղութեան
համալսարանական
մը:
Ագարակի
հողագործական
եւ
անասնաբուծական
գոծողութեանց
քննութիւնն
ալ
արդիւնքէ
աւելի
ծախք
ցուցնելուն,
որոշուեցաւ
անոնք
չափաւորել
եւ
կանոնաւորել:
Արդէն
ընդհանուր
փորձառութիւնն
ալ
ցուցուցած
է
որ
վանքերու
ուղղակի
մշակութիւնը
շատ
սուղի
կը
նստի
իրենց,
պարտաւորեալ
ըլլալով
ամենայն
ինչ
եւ
ամենայն
գործ
վճարել
եւ
պարապ
ատեններն
ալ
մշակ
ու
կենդանի
պահպանել,
թող
վարձկաններուն
անհոգ
եւ
անուղիղ
ընթացքը.
մինչ
հողագործ
շինականը
տունով
տեղով,
կինով
եւ
զաւակով
իր
գործին
կը
հետեւի,
իր
աշխատութեանց
վարձքը
չի
հաշուեր,
իր
սնունդը
գտածով
կը
հոգայ,
եւ
բոլոր
արդիւնքը
շահ
կը
հաշուէ:
Աւելի
կարեւոր
որոշում
մը
եղաւ,
Հայ
եկեղեցւոյ
կանոնները
ուսումնասիրելով,
առձեռն
Հայ
եկեղեցական
օրինագիրք
մը
կազմել,
եւ
գործը
յանձնուեցաւ
Ղրիմեցի
եւ
Շահխաթուեան
վարդապետներուն,
սակայն
գործին
ծանրութիւնն
ու
կարեւորութիւնը
կարողագոյններու
պէտք
ունէր,
ինչպէս
որ
իրենք
ալ
խոստովանելով
ետ
քաշուեցան,
եւ
գործը
մնաց
ուր
որ
էր,
եւ
կը
մնայ
մինչեւ
ցայսօր
(ԵՐՑ.
Բ.
427):
Յիշենք
եւս
անցողակի
թէ
Սինոդի
բացումէն
օր
առաջ,
փետրուար
7-ին,
եպիսկոպոս
ձեռնադրուեցան
միաբաններէն
Յակոբ
Չալխամա
Կ.
Պոլսեցի,
Մատթէոս
Տէր-Աւետիսեան
Շահարացի,
եւ
Պօղոս
Չախալեան
Կարնեցի,
իսկ
դուրսէն
Յակոբ
առաջնորդ
Արաբկիրի
օգոստոս
14-
ին:
Նշանակելի
է
եւս
որ
իբր
մեծ
բարձրացում
Ստեփանոս
Արղութեանի
եւ
Գէորգ
Տաթեւացի
եւ
Ստեփանոս
Արարատեան
եպիսկոպոսներու
ծայրագոյն
վարդապետութեան
գաւազան
տրուեցաւ
կաթողիկոսէն
1837
նոյեմբեր
9-ին:
Այս
կը
ցուցնէ
թէ
մինչեւ
այս
ատեն
տակաւին
ծայրագունութիւնը
բարձր
նշանակութիւն
ունէր,
եւ
սովորական
բան
մը
դարձած
չէր:
2536.
ԿԱՅՍՐԸ
ՅԷՋՄԻԱԾԻՆ
Ռուսիոյ
կայսերներ
տակաւին
Կովկասէն
անդին
անցած
չէին,
եւ
նորստացիկ
երկիրներու
մէջ
կայսեր
անգամ
մը
երեւնալը
իր
նշանակութիւնն
ունէր,
եւ
Նիկողայոս
կայսեր
այցելելուն
զրոյցները
քանիցս
պտտած
էին,
եւ
առաւելապէս
Հայերը
շահագրգռուած
էին
այդ
լուրերով,
քանի
որ
իրենք
պիտի
ըլլային
գլխաւորապէս
այցելութեան
առարկաները.
վերջապէս
պաշտօնական
լուրը
հասաւ
1827
մարտին,
Սինոդին
բացուելէն
անմիջապէս
ետքը,
եւ
եւ
ամէն
կողմ
պատրաստութիւններ
սկսան:
Էջմիածին
վանքին
եւ
եկեղեցւոյն
շինութիւններն
իսկ
նորոգելու
եւ
յարդարելու
ձեռք
զարկաւ.
նոյն
պատրաստութիւնները
սկսան
գլխաւոր
քաղաքներու
հայութեանց
մէջ
ալ,
եւ
ամէն
տեղ
եկեղեցիներ
եւ
դպրոցներ
եւ
առաջնորդարաններ
ծեփուեցան
եւ
ներկուեցան
ներսէն
եւ
դուրսէն:
Սեպտեմբերի
մէջ
լսուեցաւ
թէ
Խրիմ
հասած
է,
ուսկից
շոգենաւով
Կովկասի
ցամաքը
ելաւ
սեպտեմբեր
27-ին
Ռէտութքալէ
նաւահանգիստը,
Փօթիի
հիւսիսակողմը:
Միւս
օր
28-ին
եկաւ
Քութայիս,
30-ին
Սուրամ,
անկէ
Բօրժօմ,
եւ
հոկտեմբեր
2-ին
Ախլցխա,
ուր
իջեւանեցաւ
Կարապետի
շինած
առաջնորդարանը:
Կարապետ
Տփղիս
փոխադրուած
ատեն
Ախլցխան
յանձնած
էր
իր
հաւատարիմ
Գէորգ
Տէր-Դաւթեանի
(§
2533)
որ
արդէն
վարդապետ
էր
եղած,
բայց
այս
առթիւ
փութացեր
էր
իր
բնիկ
տեղը
գտնուիլ
եւ
Կայսրը
ընդունիլ:
Կայսրը
անդէն
գիշերեց,
եւ
միւս
օր
նոր
քաղաքին
մէջ
պտոյտ
մը
կատարելէն
ետքը
մեկնեցաւ
Ախալքէլէք:
Կը
պատմուի
թէ
Նիկողայոս
չմեկնած
Կարապետին
կը
հարցնէ
թէ
ի՞նչ
կը
կամենայ
իրմէ
խնդրել,
որուն
կարապետ
կը
պատասխանէ.
Այս
մի
բուռն
քո
նոր
հպատակ
ժողովուրդը
պահպանեցի
եւ
պաշտպանեցի
իմ
թոյլ
ոյժերով,
մինչեւ
բերի
քո
հզօր
թեւերի
տակ,
այսուհետեւ,
մեծ
արքայ,
դու
եղիր
սոցա
հայրը
եւ
պաշտպանը,
իմ
հայ
ազգը
քեզ
եմ
յանձնում,
եւ
քեզ
Աստուծոյ:
Կայսրը
գոհ
մնաց,
ձեռք
սեղմեց,
եւ
քովիններուն
ըսաւ,
լաւ
քաղաքագէտ
է:
Կարապետ
կայսեր
մեկնելէն
ետքը
հիւանդացաւ,
եւ
չկրցաւ
ժամանակին
Տփղիս
դառնալ,
Կայսրը
ընդունելու
իր
նոր
առաջնորդութեան
մէջ:
Հոկտեմբեր
4-ին
կայսրը
հասաւ
Գիւմրի,
ուր
Սրբուհւոյ
Ալեքսանդրայի
անուան
նոր
եկեղեցւոյ
մը
հիմը
դրաւ,
եւ
քաղաքն
ալ
Ալեքսանդրապոլ
անուանեց:
Հոկտեմբեր
5-ին
առտուն
հասաւ
Էջմիածին,
ուր
Քասախի
եզերքը
զինքն
դիմաւորեց
կաթողիկոսը
ընկերակցութեամբ
եպիսկոպոսներու
եւ
վարդապետներու,
բարապաններու
եւ
յիսուն
զինուորեալ
անձանց
Հայոց
պատկանելոց
Էջմիածնի:
Պարիսպէն
դուրս
բոլոր
միաբանութիւնը
զգեստաւորեալ
կը
սպասէր,
եւ
հանդիսապէս
առաջնորդեց
մայր
տաճարը,
ուր
Իջման
տեղւոյն
առջեւ
կաթողիկոսը
բարի
գալստեան
եւ
օրհնութեան
եւ
խնդութեան
ատենաբանութիւնը
գրաւոր
յանձնեց
կայսեր,
որ
հետզհետէ
զննեց
եկեղեցին
եւ
գանձատունը:
Այստեղ
առանձին
ուզեց
տեսնել
հին
մեծագին
թագը,
եւ
թանկագին
ակներուն
պարզ
ապակիներ
ըլլալը
դիտեց,
որուն
պատասխանուեցաւ
թէ
այսպէս
դարձաւ
Տիկին
Ռօզէնի
մօտէն
(§
2519):
Կայսրը
լռեց,
բայց
նշանակաւոր
հայեացք
մը
դարձուց
Ռօզէնի
որ
մօտ
էր:
Եկեղեցիէն
ելլելով
այցելեց
սեղանատունը,
տպարանը
շատ
խեղճ
գտաւ,
ուսումնարանը
դատարկ
տեսաւ,
եւ
Ղորղանեան
որ
թարգմանութիւն
կ՚ընէր,
կցկտուր
արդարացումներ
կարկտեց,
այլեւս
մատենադարան
չտարին,
զի
գիրքերն
շատ
խառնիխուռն
էին:
Վերջին
անգամ
այցելեց
Սինոդը,
ուր
գոհունակութեան
խօսքերու
հետ
օրինական
յանձնարարութիւններ
ալ
աւելցուց,
եւ
հանգստանալու
ելաւ
Վեհարանի
Ծաղկեալ
այվան
կոչուած
սենեակը:
Այստեղ
Յովհաննէսի
ալ
կը
հարցնէ
Կայսրը,
ինչպէս
հարցուցած
էր
Կարապետին,
թէ
իրմէ
ի՞նչ
կը
կամենայ
խնդրել.
որուն
Յովհաննէս
կը
պատասխանէ
թէ
կը
խնդրէ
հզօր
պաշտպանութիւն
ցոյց
տալ
Ռուսիոյ
գահին
հաւատարիմ
եղած
հայ
ազգին,
եւ
երկու
Թեվումով
եղբօրորդիներուն
Ռուսական
շքանշան,
որպէսզի
ազնուական
դառնան:
Եւ
երբ
Կայսրը
հեգնօրէն
հարցումը
կը
կրկնէ,
Յովհաննէս
Այլեւս
ոչինչ
կը
պատասխանէ,
եւ
Կայսրը
կը
մրմռայ,
Չափաւոր
բայց
տարօրինակ
խնդրանք,
հարկաւ
միտքը
բերելով
բերելով
օր
առաջ
Կարապետէ
ստացած
ճարտար
պատասխանը:
Յովհաննէս
այստեղ
ալ
կը
յայտնէ
իր
շահամոլ
բնութիւնը,
եւ
թերեւս
անկէ
ըզգածուելով
Կայսրը,
ոչ
ճաշը
կ՚ընդունի
եւ
ոչ
գիշերել
կը
հաճի,
եւ
անմիջապէս
կը
մեկնի
Երեւան,
չնայելով
որ
արդէն
ճաշի
ատեն
էր
եւ
ճաշը
պատրաստուած
էր,
եւ
յորդահոս
եւ
անընդհատ
անձրեւ
կը
տեղար,
որ
ստիպուեցաւ
Կովկասեան
եբիճազ
ծածկել,
եւ
սաստիկ
թրջուած
Երեւան
հասնիլ:
2537.
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ
ՎԵՐՋԵՐԸ
Նիկողայոսի
ուղեւորութիւնը
մինչեւ
Էջմիածնի
հասնիլը
հանդարտ
եւ
գոհունակ
կերպարան
ունէր,
բայց
Էջմիածինէ
մեկնելէն
սկսելով
կծու
եւ
դժգոհ
կերպարան
ստացաւ,
ամէն
կողմ
խօսուած
կառավարութեան
եւ
ատեաններու
դէմ
գանգատներու
պատճառով,
որոնց
տեղեկացաւ
թէ
անձամբ
եւ
թէ
Գան
ծերակուտականի
նախագահութեամբ
կազմուած
քննիչ
Յանձնաժողովոյ
միջոցաւ:
Երբ
Երեւանի
բերդին
մէջ
Հրազդանի
վրայ
նայող
պատշգամը
նստած
էր,
մահմետական
ամբոխ
մը
դիմացը
կը
կանգնի,
փետտած
աքաղաղ
մը
ցոյց
տալով,
իմացնելու
համար
թէ
Բեհբութեանց
նահանգապետ
զիրենք
այս
օրին
է
հասցրել:
Կայսրը
դատարաններ
ալ
այցելեց
եւ
անկարգ
գտաւ,
ռուս
եկեղեցիներու
վիճակն
ալ
անբարեկարգ
տեսաւ,
պաշտօնեաները
զանցառու,
եւ
հրամանատարները
անհոգ
եւ
կաշառառու
եւ
կեղեքիչ:
Այս
տեղեկութիւններէ
զգածուած
երբ
Տփղիս
հասաւ
հրապարակաւ
աստիճանազուրկ
ըրաւ
Դադեան
իշխանը
Ռօզէնի
փեսան
եւ
աքսոր
յղեց
եւ
Պետրբուրգ
հասնելով
1837
նոյեմբեր
30-ին
պաշտօնանկ
ըրաւ
կառավարչապետ
Ռօզէնը
եւ
նահանգապետ
Բեհբութեանը,
եւ
Կովկասը
յանձնեց
զօրաւար
Եւգինէոս
Գօլօվիննի
եւ
Երեւանի
նահանգը
զօրաւար
Պացովսքիի:
Կարբեցին
որ
իր
երկու
նեցուկները
եւ
զօրաւոր
պաշտպանները
կորսնցուց,
պահ
մը
շփոթեցաւ,
բայց
Ղորզանեանը
իրեն
օգնական
գտաւ
նորերը
շահասիրելու:
Յովհաննէս
նոր
միւռոնօրհնէք
ալ
կատարեց
1838
յունիս
5-ին,
Կաթողիկէ
Էջմիածնի
տօնին,
որուն
ներկայ
գտնուեցաւ
Գան,
եւ
տասն
օր
Էջմիածին
մնաց
կարգաց
եւ
կանոնաց
հմտանալու
համար,
եւ
իր
ստիպման
ներքեւ
մատենադարանի
գիրքերը
խորշերէ
եւ
սնտուկներէ
հանուելով
շարուեցան
եւ
ցուցակագրուեցան
Ղրիմեցիի
եւ
Շահխաթունեանի
ձեռքով,
որոնք
մայրաթոռոյ
ուսումնականներն
էին:
Այստեղ
ալ
յիշենք
թէ
Ներսէսի
ժամանակ
կատարուած
մատենադարանի
կարգադրութիւնը
ատեն
անցնելով
բոլորովին
լքուած
եւ
խանգարուած
էր:
Կարբեցիին
վերջին
տարիներուն
ենք
հասած,
եւ
այդ
միջոցին
գործունէութեան
արդիւնք
մը
չունինք
յառաջ
բերելու:
Էջմիածին
տարբեր
վարչութեան
ձեւ
առած
էր
Պօլօժէնիէի
կարգադրութեամբ
եւ
Սինոդի
գործունէութեամբ,
որ
սակայն
միշտ
կանոնաւոր
եւ
նպաստաւոր
երեւոյթ
չունէր:
Կարբեցին
ալ
արդէն
75
տարեկան
եղած
անհատական
գործունէութենէ
թուլցած,
շահասիրական
ճամբաները
գոցուած,
անձնական
պաշտպանները
կորսնցուցած,
իր
ձգտումներուն
ալ
չափ
դրած,
հանդարտութեան
տարիներ
կ՚անցունէր:
Իր
գլխաւոր
գործերը
եղան
ձեռնադրութիւնները,
զորս
կը
քաղենք
ի
յիշատակ
ապագայից:
Միւռոնօրհնութենէ
ետքը
յունիս
9-ին
ձեռնադրեց
Մատթէոս
Չուխաճեան
Պրուսայի
առաջնորդը,
որ
եղեւ
Մատթէոս
Ա.
Կաթողիկոսը
եւ
Յարութիւն
Սէբէլեան
Վանայ
առաջնորդը:
Նոյն
1838
տարւոյ
յուլիս
10-ին
Խաչատուր
Ղարահիւսէյնեան
Ասպահանի
առաջնորդը,
օգոստոս
6-ին
Կարապետ
ծերունի
Սեբաստիոյ
առաջնորդը,
նոյեմբեր
8-ին
Յակոբ
Կեսարիոյ
առաջնորդը
եւ
Յովհաննէս
Զմիւռնացի
Երուսաղէմի
փոխանորդը:
Յաջորդ
1839
տարւոյ
յունիս
20-ին
Գէորգ
Իզմիրցի
Բալուայ
առաջնորդը,
յուլիս
9-ին,
Պօղոս
Թաքթաքեան
Զմիւռնիոյ
առաջնորդը
եւ
Յարութիւն
Գանձանակեցի
Սեւանի
վանահայրը
հոկտեմբեր
29-ին
Պետրոս
Ալթունեան
Կարնոյ
առաջնորդը,
1840-ին
Բարսեղ
Տէր
-Մարտիրոսեան
Երեւանցի
աթոռոյ
միաբանը,
եւ
1841
յունիս
22-ին
Եփրեմ
Կարնոյ
առաջնորդը,
եւ
աթոռոյ
միաբաններէն
Յովհաննէս
Ղրիմեցի
եւ
Յովհաննէս
Շահխաթունեան
եւ
Գէորգ
Տէր
Դաւթեան
եւ
Գէորգ
Մարգարեան
վարդապետները:
Վերջին
չորսերէն
երկու
Յովհաննէսները
ութը
տարի
առաջ
ալ
արժանաւոր
էին
այդ
աստիճանին
նկատելով
իրենց
բանիբուն
հմտութիւնը
եւ
ամէն
կարեւոր
առիթներու
մէջ
գործածուելնին,
բայց
Կարբեցին
չէր
մոռացած
անոնց
1833-ի
շարժումին
մասնակցութիւնը
(§
2508):
Իսկ
Գէորգները
Կարնեցի
Կարապետի
եւ
իրեն
Կարբեցիի
փոքրաւորներն
էին:
Ասոնցմէ
շատերուն
ծայրագունութիւն
ալ
տուաւ,
միշտ
եպիսկոպոսական
ձեռնադրութենէ
ետքը:
2538.
ԱՂԱՒՆԻ
ՇԻՆԱՐԱՐ
Կոստանդնուպոլսոյ
մէջ
պատրիարքական
աթոռին
վրայ
կը
մնար
Ստեփանոս
Աղաւնի
(§
2440),
որուն
պաշտօնավարութեան
մասին
արդէն
գաղափար
մը
տուած
ենք,
եւ
առիթ
ալ
ունեցանք
յիշելու
Մայրաթոռոյ
եւ
Տաճկահայոց
յարրաբերութիւններուն
վերահաստատման
կէտը
բացատրած
ատեննիս
(§
2490.
2504):
Հանդարտ
կերպով
շարունակեցին
Աղաւնիի
տարիները,
եւ
ինքն
բնութեամբ
ալ
մեղմիկ
եւ
հեզահոգի,
հոգերէր
եւ
խաղաղասէր,
ոչ
ծանր
խնդիրներու
տեղի
տուաւ,
եւ
ոչ
խնդիրներ
յուզելու
մարմանջն
ունեցաւ:
Իր
ժամանակին
ամենանշանաւոր
գործերը
մայրաքաղաքի
եկեղեցիներու
նորոգութիւններն
են,
զորս
կատարեց
եւ
անունն
ալ
արձանագրութեանց
մէջ
նշանակուեցաւ:
Այս
կարգէն
են
Եէնիքէօյի
Ս.
Աստուածածին
եկեղեցին
1834
յունիս
24-ին,
Ալէմտաղիի
Ս.
Նշանը
յունիս
29-ին,
Պէյքօզի
Ս.
Նիկողայոսը
սեպտեմբեր
16-ին,
Գուրուչէշմէի
Ս.
Խաչը
նոյեմբեր
16-ին,
Ղալաթիոյ
Ս.
Լուսաւորիչը
դեկտեմբեր
10-ին,
եւ
Պալաթու
Ս.
Հրեշտակապետացը
1835
սեպտեմբեր
7-ին:
Նորէն
շինուած
կամ
ի
հիմնաց
վերաշինուած
եկեղեցիներ
ալ
եղան,
Պէշիկթաշի
Ս.
Աստուածածին
եւ
Գուզկունճուքի
Ս.
Լուսաւորիչ
արուեստակերտ
եկեղեցիները`
Պալեան
եւ
Սերվերեան
արքունի
ճարտարապետերու
կողմէն
շինուած,
որոնք
օծուեցան`
վերջինը
1835
մայիս
11-ին
եւ
առաջինը
1838-ին:
Եւս
Բերայի
Ս.
Երրորդութիւն
փառաւոր
եկեղեցին,
որ
օծուեցաւ
1838
յունիս
18-ին
Լուսաւորչի
Նշխարաց
տօնին
օրը:
Ընդհանուր
կերպով
16
կը
համարուին
Աղաւնիի
օրով
նորոգուած
եկեղեցիները,
որոնց
մէջ
են
նաեւ
Թօփքաբուի
Ս.
Նիկողայոսը
եւ
Էյպուի
Ս.
Եղիան
եւ
Սամաթիոյ
Ս.
Գէորգը
1832-ին:
Այս
միջոցներուն
սուլտան
Մահմուտ
մեծամեծ
հանդեսնէր
կարգադրեց
իր
զաւակաց
թլփատութեանց
եւ
ամուսնութեանց
առթիւ,
եւ
հրաւիրեալներուն
կարգին
գտնուեցան
պատրիարքներ
եւ
քրիստոնեայ
վարժարաններու
աշակերտներ
իրնց
վարժապետներով,
ուրախութեանց
եւ
խնջոյից
մասնակցեցան
եւ
պարգեւներ
ստացան,
իսկ
պատրիարքներ
նորահաստատ
Նշանը
Իֆթիխար
ականակուռ
շքանշանով
պատուուեցան,
յաջորդաբար
պատրիարքներու
սեփական
մնալու
պայմանով
(ՊԷՐ.
259):
Երբոր
մայրաքաղաքի
մանուկները
արքունի
շնորհաց
կ՚արժանանային,
միւս
կողմէ
գաւառներու
հայ
տղաքը
1836-էն
սկսելով
բռնի
կը
հաւաքուէին,
եւ
իբր
թէ
արհեստի
հետեւելու
նպատակով
Ոսկեղջիւրի
ծայրը
Իբլիքհանէ
կոչուած
կտաւի
եւ
երկաթի
գործարանին
մէջ
չարաչար
աշխատութեանց
կ՚ենթարկուէին,
զրկանաց
եւ
տուայտանաց
ներքեւ
եւ
լոկ
խեղճ
օրապահիկի
մը
պայմանով:
Իբր
հինգ
հազար
կը
հաշուուին
առաջին
անգամ
բերուածները.
եւ
մանկաժողովը
տարուէտարի
կը
նորոգուէր
եւ
նոր
հարիւրաւորներ
գաւառներէ
կը
բերուէին,
եւ
մինչեւ
1870
կը
կարդանք
թէ
ամ
յամէ
նորոգի
մինչեւ
ցայսօր,
եւ
թէ
զայս
չար
աղէտ
ոչ
ոք
յիշխանաց
կարաց
ի
բաց
վտարել
յազգէ
իւրմէ
(ՊԷՐ.
261),
բայց
այժմ
շատոնց
է
որ
դադրած
է:
2538.
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ
ՓԻՐԷՆԵԱՆ
Բ.
Այս
միջոցին
կ՚իյնայ
Յովհաննէս
նոր
նահատակին
վկայութիւնը,
զոր
կը
փութանք
պատմել
ականատեսի
յիշատակագիրէ
քաղելով
(ՓՆՐ.
),
ինչպէս
միշտ
ջանացինք
մոռացութենէ
հանել
մեր
նոր
նահատակներուն
յիշատակները:
Քսանումէկ
տարեկան
երիտասարդ
մըն
էր
նա,
բնիկ
Նիկոմիդիոյ
հանդիպակաց
Պաղչէճիկ
կամ
ըստ
Հայոց
Պարտիզակ
գիւղէն,
որդի
Փիրէնեան
Ստեփանոսի
եւ
Թագուհւոյ,
1817-ին
ծնած,
աղքատիկ
բայց
բարեպաշտ
հողագործի
զաւակ,
բոլորովին
անուս,
զոր
հայրը
մշակութեան
տուեր
էր
մերձակայ
Եօրճիւն
գիւղի
տանուտէր
Մահմետի
քով:
Երիտասարդը
բարեձեւ
եւ
գեղապատշաճ`
Մահմէտի
աղջկան
նկատողութեան
առարկայ
կըլլայ,
որ
կը
փափաքի
զայն
իր
հաւատքին
յանկուցանել,
եւ
ամուսինն
ու
հայրն
ալ
կը
միջամտեն
աղջկան
փափաքը
յագեցնելու,
եւ
այս
նպատակով
կը
սկսին
Յովհաննէսը
հրապուրել
եւ
յորդորել
եւ
ստիպել
որ
քրիստոնէութիւնը
ուրանայ:
Այդ
ջանքերուն
միջոցին
էր
որ
1837-ին
Ս.
Յակոբայ
շաբաթապահքը
Տաճկաց
ռամազան
ամսուն
մէջ
կը
հանդիպի,
եւ
Յովհաննէս
ալ
ծոմապահ
կ՚անցունէ
այն
շաբաթը,
դեկտեմբեր
13-էն
17,
հետեւելով
Պարտիզակցի
բարեպաշտներուն
որոնք
սովոր
են
իրեն
գիւղին
եկեղեցւոյն
տօնին
ծոմաջան
պատրաստուիլ:
Զուգադիպութիւնը
նկատի
կ՚առնուի
Մահմէտի
տնեցիներէն,
եւ
կը
խորհին
դիպուածէն
օգտուիլ
Յովհաննէսը
բռնադատելու
իբր
թէ
նա
արդէն
իսկ
իսլամական
կրօնք
ընդունուած,
Մահմէտ
անուն
առած
եւ
ռամազան
ալ
պահած
ըլլայ,
եւ
սուտ
վկաներ
ալ
կը
պատրաստեն
Եօրճիւնի
գիւղացիներէն:
Այդ
խորհուրդին
իրազեկ
յոյն
մը
լուր
կու
տայ
Յովհաննէսի,
որ
իսկոյն
խոյս
կու
տայ
Եօրճիւնէն
եւ
ոլորապտոյտ
եւ
դժուարին
ճամբաներով
կը
հասնի
Պարտիզակ,
եւ
իր
հօրը
տանը
մէջ
կը
պահուըտի
նախապէս
սուրբ
խորհուրդներով
ինքզինքը
զօրացնելով:
Հետապնդողներ
ուր
ըլլալը
կը
գուշակեն,
եւ
Նիկոմիդիոյ
կառավարիչին
վկաներով
կը
բողոքեն,
թէ
Յովհաննէս
ուրացաւ
զիւր
հաւատն
եւ
դարձաւ
ի
տինս
մեր,
եւ
հիմա
խոյս
տուած
իր
հօրը
տունը
կը
մնայ:
Պարտիզակի
Հայոց
գլխաւորը
կամ
իշխան
գիւղին
Նիկոմիդիա
գտնուելով
կառավարիչը
կը
համոզէ
որ
նախապէս
ամբաստանութիւնը
Եօրճիւնէն
ըստուգուի,
եւ
գործ
կը
յանձնուի
աւանապետին,
այսինքն
գիւղի
մուխթարին,
որ
հարձուփորձի
կը
մտնէ,
եւ
տեսնելով
որ
իշխանք
գիւղին
սուտ
վկաներուն
հակառակ
յայտարարութիւններ
կ՚ընեն,
ըստ
այնմ
կը
տեղեկագրէ,
որով
կառավարիչն
ալ
անփոյթ
արար
զդատախազութենէ
թշնամեացն,
եւ
նաեւ
աւանապետն
սպառնացաւ
Մահմէտի
փեսային
դավաճանութենէ
ետ
կենալ:
Բայց
նա
ձախողելէն
զայրացած
Կ.
Պոլիս
կը
դիմէ,
եւ
Քիւրտ
խօճա
կոչուած
ազդեցիկ
կարդացողի
մը
ձեռքով
գործը
պետական
դուռը
կը
հաղորդէ
եւ
կը
հետապնդէ
մինչեւ
որ
հրաման
հանել
կու
տայ
Յովհաննէսն
ու
դատախազներն
ու
վկաները
Կ.
Պոլիս
բերել:
Բայց
ասկէ
առաջ
Նիկոմիդիոյ
կառավարիչը
կը
փոխուի
եւ
նոր
մը
կու
գայ
այր
ժանտ
եւ
գազանաբարոյ,
որ
զրոյցը
լսելով
Յովհաննէսը
ձերբակալելու
հրաման
կը
յղէ
Պարտիզակի
աւանապետին,
որ
իր
կարգին
նախ
ողոքանօք
կը
փորձէ,
եւ
յետոյ
շղթայել
ու
բանտարկել
կու
տայ
1838
մարտ
11-ին,
յերեկոյի
ուրբաթու
որ
էր
մերձ
տօնի
Սրբոց
Քառասնից
(ՓՐՆ.
8),
զոր
լսելով
Պարտիզակի
քահանայք
յատուկ
հսկում
կը
կատարեն
յօգնութիւն
բանտարկեալ
պատանւոյն:
Ստեփանոս
Աղաւնիի
պատրիարքութեան
միջոցն
էր
որ
Ամաշու
եւ
Նիկոմիդիոյ
առաջնորդութիւնն
ալ
վրան
կը
պահէր:
Միւս
օր
ի
լուսանալ
առաւօտուն,
մարտ
12-ին
Յովհաննէս
զինուորով
եւ
ձեռնակերպով
Նիկոմիդիա
կը
յղուի,
եւ
կառավարիչէն
քննութեան
եւ
հարցափորձի
կ՚ենթարկուի:
Յովհաննէս
ինչպէս
ըսինք
պարզամիտ
եւ
անուս
երիտասարդ
մը,
առանց
երկար
խօսակցութեանց
մտնելու
ուրիշ
պատասխան
չունէր,
բայց
եթէ
ստէպ
խաչակնքել,
եւ
միշտ
կրկնել
թէ
անունը
Յովհաննէս
է,
ուրիշ
անուն
առած
չէ,
քրիստոնեայ
է
եւ
հաւատքը
փոխելու
յայտարարութիւն
ըրած
չէ:
Կարավարիչէն
դատաւորին
եւ
դատաւորէն
դարձեալ
կառավարիչին
կը
ղրկուի,
եւ
ամէն
հարցուփորձերու
միեւնոյն
պատասխանը
կը
կրկնէ,
եւ
Նիկոմիդիոյ
մէջ
կը
բանտարկուի
կառավարիչին
հրամանով,
որ
եւ
բանտապահները
կը
հրահանգէ
պէս-պէս
տանջանքներով
նեղել
պատանին,
որ
թերեւս
համակերպիլ
հաւանի:
Տասնումէկ
օր
կը
մնայ
Յովհաննէս
Նիկոմիդիոյ
բանտին
մէջ,
սպառնալիքներէ
աներկիւղ
եւ
տանջանքներէ
աննկուն
եւ
իր
հաւատքին
վրայ
անդրդուելի,
մինչեւ
որ
Կ.
Պոլիս
ղրկուելու
հրամանը
կը
հասնի,
եւ
կառավարիչը
զայն
նաւով
ճամբայ
կը
հանէ
շղթայակապ,
եւ
տանող
զինուորներուն
հրամայելով
նաւին
մէջ
նեղել
եւ
խոշտանգել:
Յաջողակ
հողմով
կը
հասնին
Կ.
Պոլիս
(ՓՐՆ.
35)
շուրջ
մարտ
25-ին:
Այստեղ
Յովհաննէս
հետզհետէ
զանազան
ատեաններու
առջեւ
կը
հանուի:
Նախ
արտաքին
գործոց
պաշտօնատունը
Հարիճիյէ
միւշիրի
կամ
ռէիս
Էֆէնտի
կոչուած
նախարարին,
ուր
ոչ
ողոքանքներով
եւ
խոստումներով,
եւ
ոչ
տանջանքներով
եւ
չարչարանքներով
կը
հաւանի
Յովհաննէս
միտքը
փոխել:
Յետոյ
կը
հանեն
զայն
առ
փոխարքայն.
միեւնոյն
փորձերը
եւ
միեւնոյն
տանջանքները
կը
կրկնեն,
զի
ի
չորս
աւուրս
շարունակ
յայգուէ
մինչեւ
ցերեկոյ
բնաւ
ոչ
դադարէին
ի
չարչարելոյ,
եւ
գիշերի
անքուն
առնելով
լլկէին
զնա
չարաչար:
Այդ
օրերուն
պիտի
կատարուէր
շէյխիսլամութեան
նոր
դատարանին
բացումը
ի
պալատն
զոր
նորոգ
շինեալ
եւ
կարգադրեալ
էին.
ուստի
երբ
բացումը
կատարեցին
եւ
կարդացին
զօրհնութիւն
նորոգ
դատարանին,
եւ
բոլոր
աւագ
դատաւորները
մեծ
դանիշմանն
եւ
մեծ
քաղաքի
դատաւորն
եւ
Եւրոպիոյ
եւ
Ասիոյ
բդեշխքն
ժողովի
գումարեցան,
իբրեւ
յաջողութեան
սկբնաւորութիւն
Յովհաննէսով
զբաղեցան,
յուսալով
զայն
իսլամութեան
շահիլ,
սակայն
յոյսերնէն
վրիպեցան,
զի
Յովհաննէս
իրեն
յանգերգէն
զատ
բան
չէր
խօսեր,
խոստումներէ
չէր
հրապուրուեր
եւ
սպառնալիքներով
չէր
ընկճւեր
(ՓՐՆ.
17).
եւ
յոյժ
դժուարեցան,
վասնզի
ոչ
յաջողեցաւ
ըստ
կամաց
իւրեանց
անդրանիկ
դատաստանն
նորոգ
շինեալ
դատարանին
(ՓՐՆ.
18):
Յովհաննէս
կրկին
փոխարքային
բանտը
տարուեցաւ,
ուր
իբրեւ
աւուրս
քսան
տանջանք
չմնաց
որ
չփորձեն
մինչեւ
գլխատելու
չոքեցնել,
եւ
գլխիվայր
կախելով
ներքեւէն
ծխել,
կտտանօք,
խոշտանգանօք,
լլկանօք
կարծրագոյն
վիշտս
հասուցանել,
այնպէս
որ
տանջողներն
իսկ
զարմանային
յոյժ
ընդ
համբերութիւն
երանելւոյն:
Փոխարքայութենէ
սպարապետին
ալ
յղուեցաւ,
եւ
այն
տեղ
միեւնոյն
բաները
կրկնուեցան
ի
զուր,
մինչեւ
տաղտկացեալ
սպարապետն,
այսինքն
սէրասքէր
փաշայն
հրամայեց
Նիկոմիդիա
դարձնել,
եւ
այն
տեղ
վերջին
փորձերը
կատարել:
Ըստ
այսմ
այն
տեղ
ալ
խիստ
տանջանքներ
փորձուեցան,
պորտին
վրայ
սուրճ
եփել,
կրակով
կողերը
այրել,
շամփուրներով
ազդրերը
ծակոտել,
եւ
երբ
այս
կերպով
ալ
չկրցան
հաւանութեան
նշան
մը
առնել,
Կ.
Պոլիս
լուր
տուին,
ուսկից
իր
գիւղին
մէջ
կախուելու
հրամանը
եկաւ,
եւ
12
զինուորաց
պահպանութեամբ
եւ
ձեռնակապուած
նաւակով
դիմաց
անցուցին,
եւ
բոկոտն
եւ
կապուած
դէպի
գիւղ
վազցուցին,
եւ
չուանին
դրամն
ալ
իրմէ
առնելով,
եւ
վերջին
անգամ
երիցս
անունը
հարցնելէն
եւ
անոր
միշտ
Յովհաննէս
է
անուն
իմ
կրկնելէն
ետքը
գիւղին
առջեւ
թթենիէ
մը
կախեցին
1838
ապրիլ
30-ին,
Երեւման
Խաչի
նախընթաց
շաբաթ
օրը:
Տօնին
կիրակի
առտուն
մայիս
1-ին
հրաման
եղաւ
եւ
մարմինը
վար
իջեցնելով
սաղմոսիւք
եւ
օրհնութեամբ
եւ
մեծահանդէս
պատուով
գերեզմանատան
մէջ
հանգուցին
առժամապէս:
Բայց
մայիս
2-ին
երկուշաբթի
երեկոյ
գիշերը
կոխելէն
ետքը
քահանաներ
քանի
մը
հաւատարիմ
անձերու
հետ
այն
տեղէն
հանեցին,
եւ
բերեալ
եդին
արտաքոյ
եկեղեցւոյն
ընդ
որմով
որ
ի
կողմանն
հիւսիսոյ
(ՓՐՆ.
25):
Մարտ
11-էն
մինչեւ
ապրիլ
30-ը
կատարեալ
51
օրեր
տեւած
են
Յովհաննէսի
անընդհատ
տանջանքներն
ու
խոշտանգանքները,
մեծ
պահոց
26-րդ
օրէն
մինչեւ
Յինանց
28-րդ
օրը,
աւագ
շաբաթն
եւ
Զատիկն
ալ
մէջը
ըլլալով:
Կարապետ
քահանայ
Տէր
Գրիգորեան,
որ
ականատեսն
ու
գրողն
եղած
է
Յովհաննէս
նահատակին
պատմութեան,
չարչարանաց
եւ
մահուան
եւ
թաղման
ատեն
կատարուած
զանազան
սքանչելիքներ
ալ
կը
պատմէ:
Իր
արձակ
շարադրութիւնը
(ՓՐՆ,
3-26),
444
տող
եւ
111
տուն
ոտանաւորի
ալ
վերածած
է,
որոնց
սկզբնատառերը
կը
կազմեն
ի
տէր
Կարապետ
քահանայէ
նուաստէ
է
բանս
պատմութեան
յաղագս
նահատակութեան
նոր
վկային
Յովհաննու,
որ
ի
Պարտիզակ
գեղջ
ի
նահանգին
Նիկոմիդայ
(ՓՐՆ.
27-48):
Պարտիզակցոց
մէջ
մինչեւ
այսօր
կենդանի
մնացած
է
իրենց
գիւղակից
Յովհաննէս
նահատակին
յիշատակը,
որ
հինգ
տարիով
միայն
առաջ
է
Կ.
Պոլիս
նահատակուող
Յովակիմէ,
որ
իբրեւ
վերջին
նահատակ
կը
նկատուի:
2539.
ՃԵՄԱՐԱՆԻ
ԻՒՍԿԻՒՏԱՐԻ
Աղաւնիի
նախընթացին
եւ
մտաւորական
ձգտումներուն
արդիւնքն
էր
վարժարաններ
զարգացնելու
եւ
վարժարաններ
շատցնելու
ջանքը,
եւ
իր
օրով
բացուած
կամ
զարգացած
վարժարաններուն
կարգին
պիտի
յիշուին
Պէզճեանը
Էյուպի
մէջ,
Պօղոսեանը
եւ
Վառվառեանը
Գումգաբուէ
դուրս,
Լանկայի,
Կէտիկ
փաշայի
եւ
Ֆէնէրի
վարժարանները,
եւ
գլխաւորապէս
Սամաթիոյ
Սուրբ-Սահակեանը
եւ
Խասքէօյի
Սուրբ
Ներսէսեանը,
որոնց
մէջ
կը
դասախօսէին
անուննին
ծանօթ
ուսուցիչներ,
եւ
որոնցմէ
իբր
քսան
տարի
ետքը
ազգային
վերածնութեան
գործիչներ
ճանչցուեցան:
Ուսման
փափաքը
սկսած
էր
ընդհանուր
տենդ
դառնալ
բոլոր
հայութեան
մէջ,
եւ
առ
այս
կը
նպաստէին
անշուշտ
եւրոպական
շփումներուն
շատնալը,
կաթոլիկ
համայնքին
հետ
սկսած
մրցումը,
գործառնութեանց
եւ
յարաբերութեանց
ցուցուցած
պէտքը,
եւ
կառավարական
շրջանակին
մէջ
ալ
տարածուած
շարժումը,
զի
գաղղիերէնի
եւ
երկրաչափութեան,
բժշկութեան
եւ
նաւուղղութեան
վարժարաններ
սկսեր
էին
բացուիլ:
Ազգային
շրջանակին
մէջ
անբաւական
երեւցան
գտնուած
վարժարանները,
որոնք
լաւ
նախակրթարաններ
էին,
եւ
բարձրագոյն
ուսումնարանի
պէտքը
զգալի
դարձաւ,
ուր
միւս
դպրոցներում
աւարտող
աշակերտներ
կարողանային
իրենց
ուսումը
շարունակել
(ՊԱԼ.
460):
Այդ
պէտքին
մէկ
գրգիռն
ալ
Կ.
Պոլսոյ
մէջ
օտարազգի
եւ
օտարադաւան,
կաթոլիկ
եւ
բողոքական
վարժարաններու
շատնալն
էր,
ուր
սկսած
էին
դիմել
Հայ
պատանիները,
եւ
հետզհետէ
անոնց
կրօնական
տեսութեանց
ալ
կը
հրապուրուէին:
Այս
միջոցին,
այսինքն
1836-ի
Զատիկէն
ետքը,
որ
տօնուած
էր
մարտ
29-ին,
Կ.
Պոլիս
ղրկուած
էր
Կիրակոս
եպիսկոպոս
Մնացականեան,
որուն
Պօղոս
յատկապէս
յանձնարարած
էր
ինչ-ինչ
կարեւոր
գործեր,
եւ
միանգամայն
անոր
յանձնած
էր
Երուսաղէմի
երեւմտական
վիճակին
պատկերը,
որ
պարտքէ
ազատ,
եւ
պատրաստ
ալ
ունեցող
կացութիւն
կը
ներկայէր:
Ամիրաներ
քաջալերուեցան
այդ
տեղեկութիւններէն,
եւ
մինչեւ
ատեն
Երուսաղէմի
նպաստելու
վարժուած
միտքերը,
Երուսաղէմէ
նպաստաւորուելու
գաղափարը
յղեցան:
Օգոստոս
26-ին
ժողով
գումարեց
Ստեփան
պատրիարք
Տատեանց
եւ
Պալեանց
առաջարկութեամբ,
ուր
հաւաքուեցան
բոլոր
գլխաւոր
ամիրաներ,
Փիշմիշեանը
եւ
Երկանեանը
եւ
Փափազեանը
գլուխնին.
հրաւիրուեցան
նաեւ
Կիրակոս
եպիսկոպոսը
եւ
Երուսաղէմի
փոխանորդ
Յովհաննէս
Զմիւռնացին,
եւ
հոն
Երուսաղէմի
վրայ
բեռցուցին
նոր
հաստատուելիք
վարժարանին
պէտքերը:
Իւսիւտարի
Երուսաղէմատունը
նոր
վարժարանի
տեղ
նշանակուեցաւ,
եւ
նոր
շինութեան
համար
ալ
200,
000
դահեկան
Երուսաղէմի
սնտուկէն
ուզուեցաւ
եւ
առնուեցաւ,
եւ
դարձեալ
ամսական
5000
կամ
տարեկան
60,
000
դահեկան
եւս
առօրեայ
մատակարարութեան
համար
(ՍԱՒ.
1205):
Այդ
գումարը
ուրիշներէն
տարեկան
100,
000
(ՊԷՐ.
270)
կամ
120,
000
գրուած
է
(01.
ՕՐԱ.
203).
որ
յետոյ
կատարուած
յաւելումին
հետ
շփոթուած
է:
Պատրիարք
եւ
ամիրաներ
զատ
զատ
քաղցր
եւ
ողոքիչ
գիրեր
ուղղեցին
Պօղոսի
եւ
Գաբրիէլի,
եւ
աւելի
հրապուրելու
համար
նոր
վարժարանը
կոչեցին
ճեմարան
Սուրբ
Երուսաղէմի,
եւ
շրջանաւարտներէն
Երուսաղէմի
միաբանցուներ
հանել
խոստացան:
Մեծ
գումարին
փոխանակագիրն
ալ
յղեցին
Աղեքսանդրիոյ
սեղանաւորներէն
Սթէֆանօ
Չիչինոյի
վրայ:
Երուսաղէմի
պատրիարքներ
եւ
միաբանութիւն
պարտաւորուեցան
համակերպիլ,
վերապահելով
միայն
ամսական
վճարման
կէտը,
եւ
այսպէս
1836
սեպտեմբեր
18-ին.
Խաչի
ուրբաթ
օրը,
հանդիսապէս
նոր
շէնքին
հիմնարկէքը
կատարուեցաւ,
որ
2500
քառակուսի
կանգուն
տարածութիւն
պիտի
ունենար:
2540.
ՃԵՄԱՐԱՆԻ
ԲԱՑՈՒՄԸ
Երկու
տարի
տեւեց
մինչեւ
որ
պատրաստութիւնները
լրացան,
եւ
հազիւ
1838
դեկտեմբեր
9-ին,
ուրբաթ
օր,
Յղութեան
տօնին
տեղի
ունեցաւ
բացումը:
Յովհաննէս
ամիրա
Սերվերեան
մեծ
հոգաբարձու
կամ
միւթէվէլլի
անուանուեցաւ,
Կիրակոս
եպիսկոպոս
Մնացականեան
պաշտպան,
Յակոբիկ
Մանուէլեան
Սերվերեանի
փեսան
տնօրէն,
Յովհաննէս
Տերոյենց
ուսումնապետ,
Խաչատուր
Միսաքեան
հայկաբան
ուսուցիչ,
Խաչատուր
Պարտիզպանեան
համարողութեան
ուսուցիչ,
եւ
այսպէս
ուրիշ
պաշտօնեաներն
ալ
յարմարագոյներէն
առնելով:
Աշակերտներ
գիշերօթիկ
էին
եւ
ընտրանօք
առնուեցան
միւս
վարժարաններու
յառաջադէմներէն:
Ծրագիրը
աւելի
ոյժ
տուած
էր
գիտութեան
եւ
լեզուաց,
թէպէտ
լաւ
բաժին
մըն
ալ
սահմանուած
էր
կրօնական
ուսմանց:
Առօրեայ
մատակարարութեան
եւ
ռոճիկներու
ծախքը
պիտի
հոգային
ամիրաները,
ունեւորներու
տղաքներէն
տարեկան
3000
դահեկան
թոշակ
ստանալով,
ուտեստ
եւ
զգեստ
պահեստ
եւ
ուսում
մէջը,
եւ
նոյն
պայմաններով
սաներ
ընդունելով
կարօտ
տղաքներէ:
Նոյն
1839
տարւոյ
սկիզբը
50-
ի
հասած
էր
ճեմարանի
աշակերտներուն
թիւը.
եւ
միջոց
մը
գործերը
բաւական
կանոնաւոր
քալեցին
իբրեւ
առաջին
եռանդ,
եւ
Աղաւնի
յորդորականներու
ներքեւ,
սակայն
համառօտ
եղաւ
այդ
միջոցը:
2541.
ԲՈՂՈՔԱԿԱՆՔ
ԵՒ
ԱՂԱՒՆԻ
Այդ
տարիներու
մէջ
նոր
հոսանք
եւ
նոր
շարժում
սկսած
էր
Հայոց
մէջ,
որոնք
ինչպէս
յայտնի
է
միշտ
միտեալ
գտնուած
են
նորութիւններէ
հրապուրուելու:
Հիւսիսային
Ամերիկոյ
Միացեալ-Պետութեանց
(Etats-Unis)
կամ
ինչպէս
սովորութիւն
եղած
է
գործածել,
Միացեալ-Նահանգաց
բնակչութիւնը,
որուն
տիրող
կրօնքը
բողոքականութեան
Աւետարանական
կոչուած
յարանուանութիւնն
է,
կրօնական
թէ
քաղաքական
դիտումներէ
մղուած,
որոշեց
արտաքին
ուզդեցութիւն
մշակել,
ուսում
տարածելը
իբր
միջոց
եւ
դաւանութիւն
տարածելը
իբր
նպատակ
գործածելով:
Առաջին
ամերիկացին
որ
Արեւելքի
եկաւ,
եղաւ
Բարսընս
որ
իր
գործունէութիւնը
սկսաւ
Երուսաղէմի
մէջ,
1821-ին
(01
ՕՐԱ.
208):
Քիչ
տարի
ետքը1824-ին
բողոքական
քարոզութիւնը
ոյժ
ստացաւ
իրեն
հետեւող
գտնելով
երկու
Երուսաղէմի
եպիսկոպոսները,
Յակոբ
Լիւստրացին
եւ
Դիոնեսիոս
Գարթալցին,
իսկ
Գրիգոր
վարդապետ
ըսուածը
հաւանաբար
Յակոբ
Պօլուցին
ըլլալու
է
(§
2442):
Առաջին
քայլերը
քաջալերական
եղան,
եւ
1829-ին
Ամերիկայի
քարոզչական
խումբը
որոշեց
Թուրքիոյ
Հայոց
մէջ
բողոքականութիւնը
քարոզել
կանոնաւոր
կերպով,
եւ
1830-ին
Տուայտ
եւ
Էմիլ
Սմիթ
զանազան
կողմեր
այցելեցին,
եւ
Կուտել
1831-ին
ընտանեօք
հաստատուեցաւ
Կ.
Պոլիս
(01.
ՕՐԱ.
208):
Պէտք
չէ
միտքէ
վրապեցնել
թէ
ճիշդ
այդ
միջոցին
կաթոլիկները
ուրոյն
եւ
ինքնագլուխ
համայնք
կը
կազմէին
(§
2435),
եւ
բողոքականութիւնը
մրցումի
կը
գրգռուէր:
Տուայտ
ալ
1832-ին
Կ.
Պոլիս
հաստատուեցաւ,
ուր
իրեն
յարեցան
Յովհաննէս
Տէր-Սահակեան,
եւ
Սենեքերիմ
Տէր-Մինասեան,
ու
Սարգիս
Յովհաննէսեան,
եւ
բողոքական
առաջին
վարժարանը
բացուեցաւ
Բերա
1834
հոկտեմբերին,
աղջկանաց
համար
յատուկ
ճիւղով:
Հետզհետէ
գաւառներու
մէջ
ալ
կը
սկսէին
տարածուիլ,
1833-ին
Զմիւռնիա
կը
հասնէր
Դիոնեսիոս
Գարթալցին,
որուն
1834-ին
կը
հետեւէր
Սարգիս
Յովհաննէսեան,
եւ
Էճըր
քարոզիչ
տպարան
կը
հաստատէր,
եւ
1838-ին
ժողովարան
ալ
կը
բացուէր.
Տուայտ
եւ
Տէր-Մանասեան
Փոքր-Ասիա
կը
շրջէին,
եւ
Նիկոմիդիոյ
մէջ
երկու
քահանաներ
կորսային`
Չըրթըլեան
Վրթանէսը
եւ
Յարութիւնը,
Շնայտըր
Պրուսա
կ՚երթար
եւ
Ճոնսթն
Տրապիզոն,
եւ
հետզհետէ
բողոքականութիւնը
ասպարէզ
կը
գտնէր:
Ազգասէրներ
եւ
եկեղեցասէրներ
կ՚ուզէին
որ
պատրիարքարանէն
խստութեան
միջոցներ
ձեռք
առնուէին,
բայց
գիտէին
միանգամայն
որ
Աղաւնին
այդ
ուղղութեան
մարդը
չէ,
զի
նա
խստութիւնները
հակառակ
արդիւնքի
տանող,
եւ
հալածումը
տարածող
բերող
կարծողներէն
էր:
Ուստի
առաջարկեցին
եւ
ընդունիլ
տուին
որ
Յակոբոս
եպիսկոպոս
Սերոբեան,
Մարսուանի
եւ
Ամասիոյ
առաջնորդը,
խորհրդական
անունով
պատրիարքին
օգնական
ըլլայ
եւ
այդ
գործին
ղեկավար
դառնայ,
եւ
ըստ
այսմ
1839
փետրուար
5-ին
Յակոբոս
պատրիարքարան
կը
մտնէր:
Իբրեւ
առաջին
ձեռնարկ,
երկու
օր
ետքը
փետրուար
7-ին,
հռչակաւոր
Մարգար
ժամկոչին
ձեռքով
պատրիարքարան
բերել
տւաւ
Յովհաննէս
Տէր-Սահակեանը,
Պօղոս
Ֆիզիքիա
ուսուցիչը,
Գէորգ
Արծրունի
քահանան,
Թովմաս
վարդապետը,
եւ
տիրացու
Յովվհաննէս
վարժապետը,
եւ
չորս
օր
ետքը
ամէնքն
ալ
զանազան
կողմեր
աքսորեց
(ՊԷՐ.
496):
Յակոբոս
միւս
կողմէն
ըսկսաւ
թելադրել
թէ
պարզ
խորհրդականի
պաշտօնը
չէր
բաւեր
ազդու
գործունէութեան
համար,
եւ
մինչեւ
իսկ
Աղաւնին
պարզամտութեամբ
բողոքականաց
կողմը
միտած
հռչակել
յաւակնեցաւ
(ՊԷՐ.
269):
Արդէն
Աղաւնին
ալ
պաշտօնի
աչք
ունեցող
մէկը
չէր,
եւ
Յակոբոսի
գալէն
ամիս
մը
ետքը,
1839
մարտ
6-ին
հրաժարականը
ներկայեց,
13-ին
Յակոբոս
ընտրուեցաւ,
եւ
19-ին
Աղաւնին
Արմաշ
եւ
Նիկոմիդիա
մեկնեցաւ,
իր
վանահայրական
եւ
առաջնորդական
սիրելագոյն
պաշտօնին
(ՊԷՐ.
479,
01.
ՕՐԱ.
211):
2542.
ՅԱԿՈԲՈՍ
ՊԱՏՐԻԱՐՔ
Յակոբոսի
պատրիարք
չեղած
առած
քայլը
յախուռն
էր
արդէն,
զի
Տէր-Սահակեանէ
զատ
միւսները
ոչ
բողոքական
էին
եւ
ոչ
բողոքականութեան
համակիր,
այլ
իմաստասիրական
ուսմանց
կը
հետեւէին
եւ
Ամերիկայէ
եկողներէն
օգտուիլ
կ՚ուզէին:
Իր
խոստութեան
միջոցները
յառաջացնելով
Յակոբոս
հրամայեց
աշակերտ
չյղել
բողոքականաց
դպրոցը,
որոնք
Բերայէ
ետքը
կանոնաւոր
վարժարան
մըն
ալ
բացեր
էին
Պէպէք
գիւղը`
Վոսփորի
վրայ:
Բողոքականաց
մօտ
այցելութիւն
եւ
անոնց
հետ
յարաբերութիւնն
ալ
արգիլեց,
եւ
յատենի
եկեղեցւոյ
անէծք
կարդաց
բողոքականներու
դէմ,
ուրիշ
կասկածաւորներ
ալ
կ՚ուզէր
աքսորել,
բայց
շատեր
արդէն
խոյս
տուեր
էին,
որոնց
հետ
նաեւ
Մեսրոպ
Թաղիաթեանց,
զոր
յիշեցինք
Եփրեմի
Շուշի
մեկնած
միջոցին
(§
2384):
Սակայն
Յակոբոս
պարտաւորուեցաւ
շուտով
չափ
դնել
իր
նախանձայուզութեան,
զի
անգղիական
դեսպանը
բողոքականներու
պաշտպանութիւնը
ստանձնելով
դատախազ
կանգնեցաւ
կառավարութեան
առջեւ,
եւ
Յակոբոս
բացատրութեան
կոչուեցաւ
եւ
յանդիմանուեցաւ.
իսկ
Գրիգորիս
Յունաց
պատրիարքը,
որ
նոյն
նպատակով
կոնդակ
հրատարակած
էր,
պաշտօնանկ
ալ
եղաւ:
Բողոքականաց
դէմ
ձեռնարկին
տկարանալովը
Յակոբոս
իր
գործունէութիւնը
Ճեմարանին
վրայ
դարձուց,
նկատելով
զայն
իբր
պատուար
մը
բողոքականութեան
դէմ:
Բայց
ձեռնարկին
պէտք
եղած
դրամը
կը
պակսէր,
ամիրաներէն
շատեր,
հին
տեսութեանց
հետեւողներ,
Տատեանց
եւ
Պալեանց
եւ
Սերվերեանց
նոր
ուղղութեան
անհամակիրներ,
կը
ջանային
կործանել
հաստատութիւն
մը,
որ
անոնց
հիմնարկութիւնը
կ՚ըմբռնուէր.
իսկ
Յակոբոս,
իբր
ժողովրդական
կուսակցութեան
պաշտպան,
կ՚աշխատէր
առանց
ամիրայից
ալ
գործը
քալեցնել:
Նախ
անցագիրներու
վրայ
հինգ
դահեկանի
տուրք
մը
ստեղծեց
յօգուտ
Ճեմարանի,
յետոյ
յատուկ
սնտուկ
մը
հաստատեց
հիւանդանոցի
եւ
վարժարաններու
համար,
եւ
մատակարարութիւնը
յանձնեց
24
անձերու,
արհեստապետներէ
առնուած,
միայն
երկու
հոգի
ամիրաներէ`
իբր
արհեստաւոր
դասակարգ
մը
նկատելով,
որոնք
սակայն
չմասնակցեցան:
Մեծ
աթոռներու
ինչպէս
են,
Կարին,
Մուշ,
Սեբաստիա,
Եւդոկիա,
Պրուսա,
եւ
այլն,
առաջնորդներու
փոփոխութիւններ
ըրաւ,
անոնցմէ
գոյանալիք
տուրքերը
Ճեմարանին
յատկացնելու
համար,
զի
աշակերտներու
եւ
սաներու
թոշակները
հետզհետէ
կը
դադարէին,
եւ
Երուսաղէմ
ալ
կը
դժուարանար
ուզուած
ամսականը
վճարել,
եւ
բոլոր
ծախքերը
կը
ծանրանային
Սերվերեան
Յովհաննէսի
վրայ,
մինչեւ
որ
անոր
ալ
անտանելի
կը
դառնար
այդ
բեռը:
Արհեստապետները
անճարակած
պէտք
եղած
գումարը
հաւաքել
եւ
վճարել,
առաջարկեցին
որ
հինգ
ամիրաներ
իրենց
միանան,
բայց
անոնք
մերժեցին,
եւ
գործը
թողուցին
24
արհեստապետներու
հոգաբարձութեան
վրայ,
որպէսզի
ժողովրդական
շարժումը
ընկճեն:
Այդ
1839
թուականէն
կը
սկսի
հակաամիրական
պայքարը,
որ
երթալով
սաստկացաւ
եւ
20
տարի
մը
տեւեց
Կ.
Պոլսոյ
հայութեան
մէջ:
2543.
ԲՈՂՈՔԱԿԱՆ
Ի
ԿՈՎԿԱՍ
Հայ
բողոքականութեան
սկզբնաւորութիւնը
Տաճկաստանէ
անկախ
Ռուսական
սահմաններուն
մէջ
ալ
սկսած
էր
միեւնոյն
ատեն:
Ռուսական
կառավարութիւնը
փափաքելով
իր
մահմետական
եւ
հեթանոս
հպատակներու
մէջ
քրիստոնէական
հաւատքը
տարածել,
1823-ին
արտօնած
էր
Հելուետիոյ
Բասիլիա
(Basel
կամ
Bale)
քաղաքի
աւետարանական
յարանուանութեանց
անդամներէն
երկուքը
Շուշի
հաստատուիլ
եւ
այդ
նպատակին
աշխատիլ:
Գործը
դիւրին
չէր
եւ
յաջողութեան
յոյսերն
ալ
նուազ,
ուստի
աւելի
դիւրին
գտան
Հայերու
մէջ
աշխատիլ,
եւ
հայերէնով
դպրոց
եւ
հայերէն
տպարան
բացին.
Հայերն
ալ
նորութեանց
հետամուտ`
շուտով
գրաւուեցան,
մինչեւ
իսկ
եկեղեցականներ
ալ
անոնց
համակրեցան
եւ
յարեցան:
Երբոր
գործը
հետզհետէ
կ՚ընդարձակուէր,
ազգային
եկեղեցւոյ
հաւատացելոց
եւ
պաշտօնէից
մէջ
դժգոհութիւններն
ալ
շատցան,
Էջմիածին
ալ
զգածուեցաւ,
եւ
1831-ին
Եփրեմ
Կաթողիկոս
իր
վերջին
օրերը
կառավարութեան
դիմեց,
եւ
Կարբեցիին
ալ
կրկնելու
հարկ
եղաւ,
մինչեւ
որ
Ռօզէն
կուսակալն
ալ
գործին
կարեւորութիւն
տար
եւ
նախարարութեան
տեղեկագրէր,
որուն
վրայ
1835-ին
Բասիլիայի
քարոզիչներ
արգիլուեցան
Հայոց
քարոզել
եւ
հայերէն
հրատարակութիւններ
ընել
եւ
հայ
մանուկներ
դպրոց
ընդունիլ:
Թէպէտ
քարոզիչները
1836-ին
ընդարձակ
պատասխանով
ջանացին
զիրենք
արդարացնել,
թէ
իրենք
Հայերը
հրաւիրող
եւ
հրապուրող
չեն,
այլ
թէ
Հայեր
իրենց
կը
դիմեն.
բայց
կառավարութիւնն
իր
հրամանը
կրկնեց,
եւ
1837-ին
քարոզիչները
Շուշիէ
ալ
հեռացուց,
եւ
Բաղդասար
մետրապոլիտ
տպարաննին
գնաց
նոր
բացուած
դպրանոցին
համար.
բայց
բողոքականութեան
խմորը
սկսած
էր,
եւ
Շուշիէ
զատ
Շամախի
ալ
կարեւոր
կեդրոն
դարձած
էր
Սարգիս
Համբարձումեանի
գործունէութեամբ,
որ
թէպէտ
կատարելապէս
բողոքականութեան
յարած,
սակայն
արտաքինը
դէռ
կը
յարգէր,
եւ
ասով
կրցաւ
իր
բացած
դպրոցը
պահել,
եւ
հարցուփորձերու
մէջ
ալ
ինքզինքը
արդարացնել
եւ
գործը
շարունակել
Կարբեցիին
օրերը:
Բողոքականութեան
խնդիրը
նմանօրինակ
աղանդի
մը
գոյութիւնը
երեւան
բերաւ:
Ծանօթ
են
հայ
Թոնդրակեցիները,
որոնց
մէկ
ճիւղը
Խնունցի
ալ
կոչուած
է,
Մարգաղի
գաւառի
Խնունք
աւանէն
առնելով
անունը,
որ
է
այժմեան
Խնուսը
(§
805):
Թէպէտ
Թոնդրակեցւոց
աղանդը
տկարացաւ,
եւ
վերջացաւ
իսկ
Գրիգոր
Մագիստրոսի
ուժգին
հալածանքով
(§
858),
բայց
անհնար
էր
որ
բեկորներ
մնացած
չըլլային,
եւ
գոյութիւն
ունենալնին
տեսնուած
է
Խնուսի
Չէվիրմէ
գիւղը:
Ասոնցմէ
ալ
Ռուսաստան
գաղթողներ
եղած
են
Տաճկահայոց
մեծ
գաղթին
հետ,
Կարապետ
եպիսկոպոսի
հովուած
ժողովուրդին
մէջ,
որ
առաջին
անգամ
1837-ին
այդ
մասին
տեղեկութիւն
հաղորդած
է
Սինոդին,
թէ
նոր
աղադի
հետեւողներ
կը
գտնուին
Շիրակի
Արխվէլի
գիւղը,
եւ
տիրացու
Գէորգ
մը
անոնց
գլխաւորն
է.
որոնց
կը
վերագրէ
այնպիսի
կարծիքներ
որ
հին
Թոնդրակեցւոց
վարդապետութիւնները
կը
շօշափեն,
նոր
բողոքականութեամբ
խառնուած:
Սինոդը
պարտաւորուեցաւ
նկատի
առնել
հաղորդուած
տեղեկութիւները,
եւ
քաղաքական
իշխանութեամբ
ալ
ջանաց
առջեւն
առնել
գայթակղութեան,
եւ
մինչեւ
1845
տակաւին
անոնց
յիշատակները
կրկնուած
կը
գտնուին,
ուսկից
ետքը
անհետացած
է,
կամ
թէ
բուն
բողոքականութեան
վերածուած
է:
Այս
մասին
կրնանք
աւելցնել
թէ
մինչեւ
մեր
օրերը
շարունակուած
է
այդ
կարծիքը
Չէվիրմէի
բողոքականներուն
մէջ,
թէ
իրենք
հին
Թոնդրակեցւոց
յաջորդներն
են
եւ
ոչ
թէ
նոր
բողոքականութեան
աշակերտներ,
թէպէտ
ըստ
ամենայնի
բողոքականութեան
հետեւողներ
են:
2544.
ՄԱՀՄՈՒՏ
ԵՒ
ՄԷՀՄԷՏԱԼԻ
Քաղաքական
կացութիւնն
ալ
բաւական
ցնցում
պատճառած
է
այդ
միջոցին,
Եգիպտոսի
իշխան
Մէհմէտալի
փաշա
կը
շարունակէր
կառավարել,
Եգիպտոսի
հետ
Պաղեստինը
եւ
Ասորիքը,
Արաբիան
եւ
Կիլիկիան,
բայց
առժամեայ
կերպարան
մը
ունէր
գործը,
եւ
ինքն
կը
բաղձար
հաստատուն
եւ
անկախ
եւ
ժառանգական
թագաւորութեան
մը
վերածել
իր
իշխանութիւնը:
Այդ
նպատակով
նախ
սկսաւ
պայմանեալ
հարկը
զլանալ,
եւ
յետոյ
աղիկամի
օրէնքներ
եւ
ձեւեր
հրամայել:
Սուլտան
Մահմուտ
թերեւս
հաւանէր,
եթէ
նա
Եգիպտոսի
վրայ
ամփոփէր
իր
պահանջը,
եւ
ետ
դարձներ
անկէ
դուրս
եղող
երկիրները,
բայց
Մէհմէտալի
հեռու
էր
այդ
չափաւորութենէ
եւ
բոլոր
իրեն
յանձնուածին
վրայ
կ՚ուզէր
տարածել
իր
ծրագիրը:
Այս
պատճառով
պատերազմը
հրատարակուեցաւ
1839
մայիս
11-ին
եւ
27-ին
զօարւոր
տորմիդ
մը
մեկնեցաւ
Կ.
Պոլիսէ
Եգիպտոսի
դէմ:
Ցամաքին
կողմէն
ալ
բանակ
մը
կը
քալէր
դէպ
Ասորիք,
բայց
Այնթապի
ճակատամարտին
Եգիպտացիք
յաղթանակեցին
յունիս
19-ին:
Իսկ
Մահմուտ
հիւանդ
էր
արդէն,
օդափոխութեան
համար
Չամլըճա
էր
փոխադրուած,
իրեն
համար
աղօթքներ
ունենալու
համար
բոլոր
բանտարկուած
պարտապաններու
ազատութիւն
կը
շնորհէր,
բայց
անողոք
մահը
կը
հասնէր
նոյնիսկ
յունիս
19-ին
պարտութեան
օրը,
եւ
յաջորդ
կը
հռչակուէր
Ապտիւլ-Մէճիտ
որդին,
տակաւին
18
տարեկան,
եւ
29-ին
գահակալութեան
կամ
սուր
կապելու
հանդէսը
կը
կատարուէր
(ՊԷՐ.
498):
Պատերազմական
ձեռնարկը
պահ
մը
կ՚ընդհատուէր
Օսմանեանց
կողմէ,
սակայն
ընդփոյթ
կը
հասնէր
անգղիական
տորմիղը
Եգիպտացւոց
դէմ
պատերազմելու
եւ
օսմանեան
պետութեան
իշխանութիւնը
պաշտպանելու:
Յուլիս
3-ին
դաշնակցութիւն
մը
կազմած
էին
Անգղիա
եւ
Աւստրիա
եւ
Ռուսիա
եւ
Բրուսիա,
որ
Եգիպտոս
Մէհմէտալիին
մնայ
ժառանգաբար
իբր
հարկատու
իշխանութիւն,
հարաւային
Սուրիոյ
եզերքը
իրեն
մնայ
մինչեւ
իր
մահը,
մնացեալները
իսկոյն
յանձնուին
օսմանեան
պետութեան:
Մէհմէտալի
դարձեալ
ընդդիմացաւ
առաջարկին,
զէնքի
բախտն
ալ
փորձեց,
բայց
վերջապէս
ստիպուեցաւ
տեղի
տալ,
եւ
նոյեմբեր
2-ին
դաշնագիր
կնքուեցաւ,
Նաբիէր
անգղիացի
ծովակալին
եւ
Պօղոս
Եուսուֆեան
Եգիպտոսի
արտաքին
գործոց
պաշտօնէին
միջեւ,
դաշնակիցներու
յուլիս
3-ին
կազմած
ծրագիրին
համեմատ,
որ
վերջնական
վաւերացում
ստացաւ
1839
դեկտեմբեր
23-ին:
Հետզհետէ
Մէհմէտալի
ամփոփուեցաւ
նոր
սահմաններուն
մէջ:
Որդին
Իպրահիմ
փաշա,
ալ
որ
Ասորիքի
զինուորական
հրամանատարն
էր,
ժամանակ
մը
աստեւանդ
դեգերելէ
ետքը
1841
յունուարին
Եգիպտոս
դարձաւ,
եւ
օսմանեան
կայսրութիւնը
իրեն
կառավարութեան
ներքեւ
առաւ
Կիլիկեան
եւ
Ասորիքը
եւ
Արաբիան:
2545.
ԹԱՆԶԻՄԱԹ
ԵՒ
ՀԱՅԵՐ
Ապտիւլ-Մէճիտ
երիտասարդ
Կայսրը
իր
հօր
սկզբունքներուն
հաւատարիմ
ժառանգ
եւ
նոր
դաստիարակութեամբ
զարգացած,
փափաքեցաւ
ա'լ
աւելի
առաջ
մղել
իր
հոր
սկսած
յառաջադիմութեան
եւ
բարեկարգութեան
եւ
արդար
կառավարութեան
ձեռնարկը
եւ
իր
ժողովուրդին
բարեկեցութեան,
եւ
հնարաւորութեան
սահմանին
մէջ
հաւասարութեան
եւ
ազատութեան
բարիքը
ճաշակել
տալ:
Այդ
նպատակով
կազմուեցաւ
խաթթ
հիւմայիւնը
իբր
թանզիմաթի
կամ
բարեկարգութեան
հիմը,
որով
բոլոր
օսմանեան
հպատակներու
անխտիր,
առանց
ցեղի
եւ
կրօնքի
տարբերութեան,
կեանքի
եւ
պատիւի
եւ
ստացութեան
հաւասար
իրաւունք
եւ
ապահովութիւն
կը
շնորհուէր,
հարկերու
բաշխումը
համահաւասար
կերպով
պիտի
կատարուէր,
դատարաններ
եւ
վարչական
ժողովներ
պիտի
հաստատուէին
իսլամ
եւ
ոչ-իսլամ
անդամներով,
կամայական
եւ
բռնական
որոշումներ
պիտի
դադարէին,
աքսոր
եւ
պատիժ
եւ
մահ
առանց
օրէնքի
եւ
առանց
դատաստանի
պիտի
չգործադրուէին,
եւ
ոչ
իսլամներ
հաւասար
իրաւունքով
պետական
պաշտօններ
պիտի
կոչուէին
(ՊԷՐ.
270),
նոյնիսկ
զինուորութեան
համար
նոյն
հիմամբ
կանոնաւոր
ընտրութիւններ
պիտի
կատարուէին
(ՊԷՐ.
499):
Այդ
ամէն
փոփոխութեանց
արժանաւոր
սկզբնաւորութիւն
տալու
համար,
մեծ
ժողով
մը
գումարուեցաւ
Կիւլհանէի
դահլիճը,
Վոսփորի
բերանը,
նոյնիսկ
կայսերական
ապարանքին
մէջ,
եւ
Ապտիւլ
Մէճիտ
կայսեր
նախագահութեամբ,
ուր
բոլոր
պետական
եւ
դենպետական
եւ
զինուորական
աւագանիէն
զատ,
ներկայ
գտնուեցան
քրիստոնեայ
պատրիարքներ
եւ
եւրոպական
դեսպաններ
իրենց
հետեւորդներով
եւ
հրատարակուեցաւ
թանզիմաթի
հրովարտակը
կամ
նուիրական
գիրը:
Օսմանեան
պատմութեան
էջերուն
մէջ
նշանաւոր
թուական
մըն
է
1839
նոյեմբեր
9
հինգշաբթի
օրը
(ՊԷՐ.
499),
եւ
աւելի
ալ
նշանակալից
եղած
է
Սուլտան
Ապտիւլ-Մէճիտի
անունը,
որ
պաշտօնական
կերպով
փոփոխեց
օսմանեան
կառավարութեան
հիմնակէտը
եւ
պարզ
կրօնական
գրութեամբ
եւ
օրէնսդրութեամբ
կազմուած
կայսրութեան
քաղաքական
կերպարան
եւ
քաղաքական
օրէնսդրութիւն
տուաւ:
Իբրեւ
առաջին
հետեւանք
սկսան
մասնաւոր
կանոնադրութիւններ
կամ
օրէնքներ
կազմուիլ
իւաքանչիւր
վարչական
ճիւղի
համար,
ճանչցուիլ
անհատական
իրաւունքները,
ճշդուիլ
գործունէութեանց
շրջանակները,
եւ
յատկացուիլ
իւրաքանչիւրին
պարտաւորութիւնները:
Հայոց
ներքին
կեանքին
ալ
զգաց
այս
փոփոխութեանց
ազդեցութիւնը:
Իրաւ
1839
նոյեմբեր
9-էն
ալ
առաջ
սկսած
էր
Հայոց
մէջ
անհատական,
կամ
ինչպէս
աւելի
սովորութիւն
եղած
է
ըսել,
ժողովրդական
իրաւունքներու
զարթնումը,
եւ
նոյնիսկ
Ճեմարանի
հիմնարկութիւնը,
Յակոբոսի
պատրիարքութիւնը
եւ
Քսանեւչորսերու
յանձնախումբը
հետեւանք
էին
այդ
ազդեցութեան:
Մինչեւ
այն
ատեն
ազգային
վարչութեան
ղեկը
ամիրաներու
ձեռքն
էր,
իսկ
ամիրան
դրամական
կարողութեան
տէր
դարձողն
էր,
որ
ժառանգականութեան
իրաւունքէ
կը
բղխէր,
եւ
ոչ
յատուկ
ընտրութեամբ
կ՚որոշուէր,
եւ
կարողութենէ
ինկողը
ամիրայական
շրջանակէ
ալ
կ՚իյնար:
Ունեւորներ
փոխադարձաբար
զիրար
կը
պաշտպանէին,
եւ
թէպէտ
անհատաբար
խուլ
հակառակութիւններ
ալ
կը
վարէին,
բայց
խմբակցական
շահը
ոտնակոխ
չէին
ըներ:
Իրենց
ստացած
իրաւունքին
հիմը
դրամն
էր,
զի
ամէն
ազգային
ծախքերը
իրենց
վրայ
էին,
եւ
ժողովրդականներ
հազիւ
թէ
կը
մասնակցէին
եկեղեցւոյ
պնակէն
դուրս:
Պատրիարքարան,
հիւանդանոց,
վարժարան,
կամ
բացառիկ
պէտք
մը
եւ
կամ
նոր
շինութիւն
մը,
ամիրաներուն
քսակէն
կը
հոգացուէին,
եւ
փոխադարձաբար
կամքերնին
քալեցնելու
իրաւունք
կը
շահէին:
Երբոր
ժողովրդական
կամ
ոչ-ամիրայական
տարրը
ուզեց
իրաւունքներու
մասնակցիլ
կամ
տիրանալ,
ամիրաներ
ձեռունին
ետ
քաշելով
ուզեցին
յաղթանակել,
եւ
արդէն
տեսանք
թէ
ինչպէս
սկսաւ
այդ
պայքարը
Ճեմարանի
մատակարարութեան
շուրջը`
տնանկաց
սնտուկն
ու
հիւանդանոցն
ալ
նոր
յարակցելով:
2546.
ՅԱԿՈԲՈՍ
ԵՒ
ՍՏԵՓԱՆՈՍ
Յակոբոս
Սերոբեան,
որ
պատրիարքական
աթոռին
վրայ
իբր
առաջին
ժողովրդական
անձը
հռչակուած
է,
միանգամայն
պայքարին
ներքեւ
ընկճուող
ալ
եղաւ:
Երբոր
տեսաւ
որ
իր
ընտրած
Քսանեւչորսերը
Ճեմարանին
մատակարարութեան
անբաւական
կը
գտնուին,
միանգամայն
եւ
երկիցս
եւ
երիցս
հրաւէրներ
ուղղեց
ամիրաններուն
որ
պատրիարքարան
հաւաքուին
եւ
ջանան
կարգադրել
զգործս
ազգին,
սակայն
ոչ
ոք
հրաւէրին
անսաց,
եւ
միայն
Պօղոս
Աշնան
կը
յիշուի,
որ
երթեւեկէր
ի
պատրիարքարան,
եւ
նա
ալ
աւելի
պարագայից
տեղեկանալու,
քան
թէ
գործին
օժանդակելու
համար:
Կրկին
դարձաւ
Յակոբոս
ժողովրդական
հոգաբարձուներուն,
բայց
անոնք
ալ
փոխանակ
հրաւէրին
պատասխանելու
հրաժարականնին
յղեցին,
եւ
Յակոբոս
անոք
եւ
անօգնական
մնալով,
զայրոյթի
նոպայի
մը
մէջ,
կամ
թէ
տարօրինակ
գործով
մը
ժողովուրդը
ցնցելու
միտքով,
կը
գոչէ
թէ
անտէրունջ
անօգնականաց
վայելէ
հիւանդանոցն.
եւ
յանկարծ
պատրիարքարանը
թողլով
կ՚երթայ
փակուիլ
Եէտիգուլէի
Ս.
Փրկիչ
հիւանդանոցին
մէջ:
Այսպէս
կը
գրէ
պատմիչը
(ՊԷՐ.
271),
բայց
բերանացի
աւանդութիւնը
կը
պատմէ
թէ
Յակոբոսի
ականջը
հասած
կ՚ըլլայ
ամիրաներէն
ոմանց
ըսելը,
թէ
պատրիարքը
յիմար
եւ
անիմաստ
գործելու
կը
հետեւի,
եւ
հիւանդանոց
քաշուած
ըլլայ`
ըսելով
թէ
խենթերու
տեղը
Փրկիչն
է:
Այս
տեղի
կ՚ունենայ
1840
սեպտեմբեր
առաջին
օրերը:
Չորս
օր
պատրիարքը
մէջտեղ
չերեւար,
եւ
եղելութիւնը
կառավարութեան
ալ
ականջը
հասնելով,
բարձրագոյն
դուռ
կը
հրաւիրուին
Ճանիկ
Փափազեան,
Յարութիւն
Երկանեան
եւ
Մագսուտ
Սարիմեան,
որոնք
միւս
կողմին
գլխաւորներն
էին,
եւ
պատեհ
կը
գտնեն
ըսելու
թէ
պատրիարքը
խելագարութեան
ախտիւ
ըմբռնեալ
ոչ
գիտէ
զոր
առնէ
(ՊԷՐ.
271),
ինչ
որ
կը
հաւաստէ
աւանդական
պատմութիւնը:
Արդէն
կառավարութիւնն
ալ
գոհ
չէր
Յակոբոսի
խնդիրներ
յուզելէն,
ուստի
կ՚որոշի
զայն
դադրեցնել,
եւ
Ստեփանոս
Աղաւնին
նօրէն
պատրիարքութեան
դարձնել,
եւ
կայսերական
հաստատութիւնը
կը
ստացուի
1840
սեպտեմբեր
15-ին:
Եւ
որպէսզի
Աղաւնիի
մեղմիկ
բնոյթը
գործունեայ
օգնականով
մը
զօրանայ,
Պօղոս
եպիսկոպոս
Թաքթաքեան,
որ
Զմիւռնիոյ
առաջնորդութիւնը
կը
վարէր,
Կ.
Պոլիս
կը
բերուի
իբրեւ
պատրիարքական
խորհրդական,
պարզ
փոխանորդէ
բարձրագոյն
դիրքով
եւ
ընդարձակագոյն
ձեռնհասութեամբ:
Այս
կերպով
ամիրայական
կուսակցութիւնը
կը
կարծէր
անարգել
կացութեան
տիրանալ:
2547.
ԱՄԻՐԱՅԱԿԱՆ
ԽՆԴԻՐ
2540.
Բայց
միւս
կողմն
ալ
ինքզինքը
ընկճած
չէր
զգար,
մանաւանդ
որ
Աղաւնի
եւ
Թաքթաքեան,
թէ
ուսումնական
զարգացման
հետեւողներ
եւ
քաջալերողներ,
եւ
թէ
Ճեմարանի
առաջին
հիմնարկութեան
հովանաւորողներ
(§
2540),
կը
փափաքէին
զայն
ապահովուած
եւ
զարգացած
տեսնալ,
ինչ
որ
յարմար
կուգար
ժողովրդական
ձգտումներուն,
սակայն
ժողովրդական
միջոցներ
առանց
ամիրաներու
չէին
բաւեր
Ճեմարանը
ապրեցնել:
Վեց
ամիսի
չափ
եւս
գործը
գէշաղէկ
քալեցնելէ
ետքը,
1841
ապրիլ
6-ին
նոր
կիրակի
օրը
ժողովրդական
բազմութիւնը
Ճեմարան
հրաւիրուեցաւ,
ուր
Մանուէլեան
տնօրէն
յուզիչ
խօսքերով
Ճեմարանին
անձուկ
եւ
վտանգաւոր
վիճակը
նկարագրեց
եւ
ժողովուրդը
օգնութեան
հրաւիրեց,
որ
անկախ
ի
կարգադրութենէ
ամիրայից
Ճեմարանը
պահելու
եւ
զարգացնելու
հանդիսաւոր
խոստում
տուաւ:
Ասոր
վրայ
Եղիազար
Թօհաֆճի
անուն
մէկ
մը
16
հատ
Ճեմարանի
աշակերտ
առջեւը
ձգելով,
ամսուն
18-ին
ուրբաթ
օր
աղերդագիր
մատոյց
կայսեր,
որպէսզի
Քսանուչորսերու
յանձնաժողովը
կայսերական
հաստատութեամբ
արտօնուի
ազգային
ելեւմուտքին
հսկել:
Գործը
կառավարութեան
յանձնուեցաւ,
Յովհաննէս
Զմիւռնացին,
Երուսաղէմի
փոխանորդ,
պատրիարքին
կողմանէ
բացատրութեան
գնաց
մայիս
27-ին,
եւ
յանուն
պատրիարքին,
հաւանեցաւ
ժողովրդական
խնդրանքին,
եւ
յուլիս
1-ին
եպարքոսական
հրամանագիր
տրուեցաւ
որ
Քսանչորսերը
լինին
տեսուչ
ազգային
ելեւմտից
եւ
արկեղն
պատրիարքարանին:
Հրամանագիրը
ստանալով
հանդերձ
Քսանեւչորսերը
յաջողութիւն
չգտան,
վասնզի
ամիրաներ
չէին
օժանդակեր,
մանաւանդ
թէ
ծիծաղէին
հանապազօր
ի
վերայ
նոցա
(ՊԷՐ.
273),
մինչեւ
որ
անոնք
ալ
յուսահատած
ետ
քաշուեցան,
եւ
իրենց
տրուած
հրամանագիրն
ալ
յետս
կոչուեցաւ
օգոստոս
14-ին:
Կրկին
յուզուեցան
ժողովրդականները,
իբր
զի
իրենց
ստացած
իրաւունքը
կը
կորսուէր:
Շարժումին
գլուխ
կեցաւ
Իսքէնտէր
գինեպան,
յանդուգն
եւ
լեզուանի
ամբոխավար
մը,
որ
մեծաւ
բազմութեամբ
աղաղակաւ
եւ
պաղատանօք
պալատ
դիմեց,
ինչ
որ
ծանր
եկաւ
կայսեր
եւ
քննութիւն
հրամայեց:
Ասոր
վրայ
Քսանեւչորսերը
կառավարութենէն
կոչուեցան,
որպէսզի
յանդուգն
եւ
անտեղի
կերպով
իրենց
պաշտպանութեան
ելլողները
ցուցնեն,
եւ
երբեր
անոնք
սկսան
ինքզինքնին
չքմեղել
թէ
չեն
ճանչնար
եւ
չեն
գիտեր,
ամէնքը
մէկէն
բանտարկուեցան
իբրեւ
գաղտնի
դրդիչներ:
Յուզումը
կրկնապատկուեցաւ,
աւելի
մեծ
բազմութիւն
մը
իբր
երկու
կամ
երեք
հազար
անձերու,
միշտ
նոյն
ամբոխավար
Իսքէնտէրի
առաջնորդութեամբ,
բարձրագոյն
դուռ
դիմեց
բանտարկեալները
ուզելու,
եւ
պատրիարք
ու
ամիրաներ
չուզելու
աղաղակներով:
Նեղ
ժամուն
մէջ
Ռիֆաթ
փաշա,
արտաքին
գործոց
եւ
կրօնից
նախարար,
ստիպուեցաւ
բանտարկեալները
արձակել
տալ,
բայց
միւս
կողմէն
իր
քննութիւնները
շարունակեց,
եկեղեցականներ
եւ
ամիրաներ
եւ
արհեստապետներ
հարցուփորձելով,
որ
մինչեւ
20
օր
տեւեց,
եւ
իբրեւ
խռովութեանց
գլխաւորներ
աքսորուեցան,
Յովհաննէս
Սեթեան
եւ
Պօղոս
վարդապետներ,
Յակոբ
Մանուէլեան
տնօրէն,
Իսքէնտէր
գինեպատ
ամբոխավար,
Գէորգ
Տիվիթճեան,
Արթաքի
Յովհաննէսեան,
Անդրէաս
Գույումճու,
Պետրոս
Պասմաճը
եւ
ուրիշներ:
Աքսորի
թուական
նշանակուած
է
սեպտեմբեր
16:
Բայց
հարկ
եղաւ
պատրիարքն
ալ
հեռացնել,
իբր
զի
անոր
անունին
շուրջը
ամփոփուած
էր
խնդիրը:
Արդէն
Աղաւնին
օգոստոս
3-ին
հրաժարագիր
մատուցած
էր,
բայց
պատասխանը
կ՚ուշանար,
եւ
միայն
աքսորներուն
ի
յաջորդ
աւուրն
(ՊԷՐ.
247),
սեպտեմբեր
19-ին
հրաժարականին
ընդունիլը
իրեն
հաղորդուեցաւ,
եւ
նա
սիրով
եւ
յօժարութեամբ
դարձաւ
իր
սիրեցեալ
Արմաշն
ու
Նիկոմիդիան,
որոնց
նուիրեց
իր
կենաց
մնացորդը
մինչեւ
1853
ապրիլ,
վանքին
տիրապէս
հօր
եւ
վիճակին
բարեխնամ
հովիւի
համբաւ
թողլով
իր
ետեւէն:
Ծնած
1777-
ին
76
տարեկան
վախճանեցաւ
Նիկոմիդիա,
եւ
թաղուեցաւ
եկեղեցւոյն
բակը:
Անոնք
որ
իր
պատրիարքութիւնը
թոյլ
եւ
տկար
կը
գտնան,
պէտք
չէ
մոռնան
որ
խորհեմ
եւ
հանդարտ,
փափկանկատ
եւ
ազնիւ
անձնաւորութիւն
մըն
էր,
սիրելի
եւ
համակրելի
ամենուն,
ուսմամբ
զարգացած
եւ
քարոզութեամբ
յաջողակ,
եւ
բազմարդիւն
եղած
վանահայրական
եւ
առաջնորդական
ասպարէզներու
մէջ:
Արդէն
պատրիարքութեան
մէջ
ալ
ոչ
մի
եպերելի
գործ
չունեցաւ,
եւ
ոչ
մէկու
ստրկաբար
ծառայեց,
եւ
իր
հանդարտութիւնը
օգտակար
եղաւ
հանրութեան:
2548.
ԱՍՏՈՒԱԾԱՏՈՒՐ
ՊԱՏՐԻԱՐՔ
Աստուածատուր
եպիսկոպոս
Կոստանդնուպոլսեցի
73
տարեկան
ծերունի,
Զաքարիա
Կաղզուանցիի
յետին
եւ
յետնեալ
աշակերտ,
պատրիարք
ընտրուեցաւ
1841
սեպտեմբեր
19-ին,
ուրիշ
արժանիք
չունենալով
բայց
եթէ
ընտրող
ամիրաներու
ձեռք
հլու
գործիք
ըլլալու
առաւելութիւնը:
Ճեմարանը
ինքնիրեն
քայքայած,
անհամակիր
ամիրաներու
ձեռք
ինկած,
ժողովրդական
շարժումը
աքսորներուն
հետեւանքով
զսպուած,
դժուար
էր
որ
կարենար
շարունակել,
եւ
Աստվածատուրի
պատրիարք
նստելէն
հազիւ
երկու
շաբաթ
ետքը,
բոլորովին
փակուեցաւ
հոկտեմբեր
3-ին,
աշակերտները
ցրուեցան,
ուսուչիցները
արձակուեցան,
եւ
Ճեմարանի
հակառակորդ
կուսակցութիւնը
իր
յաղթանակը
տարած
եղաւ,
Ճեմարանը
ցուցնելով
իբրեւ
պատճառ
խռովութեան
ազգիս
(ՊԷՐ.
274):
Բայց
ամիրայական
եւ
ժողովրդական
կուսակցութեանց
խնդիրը
առանց
Ճեմարանի
ալ
գոյութեան
հիմ
ստացած
էր,
իբրեւ
ազգային
մատակարարութեան
խնդիրը,
որուն
հանրութիւնը
միջամուխ
եւ
հետամուտ
ըլլալու
իրաւունքը
կը
զգար,
եւ
ամիրայական
բռնապետութենէ
ազատագրուելու
ձգտումն
ունէր,
որչափ
ալ
նախընթաց
սովորութիւնը
եւ
վերջին
տարիներու
փորձառութիւնը
յայտնի
ըրած
էին,
թէ
ամիրայութիւնն
էր
որ
հասոյթները
կը
հոգար,
ժողովրդականութիւնը
ինքն
իրեն
մնացած
գործին
հանդէպ
անճարացած
կը
մնար:
Բայց
բուռն
ձգտումներ
շատ
նուրբ
դիտողութեանց
չեն
մտներ,
եւ
այս
անգամ
ալ
հազիւ
ամիս
մը
կամ
երկու
անցած
եւ
վերջին
դէպքէրը
դեռ
չմոռցուած,
դարձեալ
ժողովրդական
շարժումը
գլուխ
տուաւ,
եւ
նոյեմբեր
9-ին
(ՊԷՐ.
509)
նոր
դիմում
մը
կազմուեցաւ
բարձրագոյն
դուռ,
թէ
տէրութեան
հնազանդ
են,
բայց
ամիրաներու
գերի
չեն
ուզեր
մնալ,
աւելի
կը
սիրեն
մեռնիլ
քան
անոնց
ծառայել:
Ժխորը
հետզհետէ
սաստկացաւ,
ամիրաներն
ալ
վտանգի
սպառնալիք
տեսան,
Յովհաննէս
Սուրէնեան
եւ
Արզուման
Արզումանեան
միջնորդ
ներկայացան,
եւ
դեկտեմբեր
4-ին
յայտարարեցին
թէ
իրենք
կը
քաշուին
եւ
ամէն
գործ
ժողովուրդին
կը
թողուն,
եւ
ըստ
այսմ
դեկտեմբեր
12-ին
Քսանեւեօթը
անձեր
ընտրուեցան
արհեստաւորներէն,
եւ
Աստուածատուր
պատրիարք
եւ
ամիրաներ
գրաւոր
յայտարարութիւն
տուին
անոնց
գործին
չխառնւիլ,
եւ
դուռն
ալ
հաստատեց
նոր
դրութիւնը:
Բայց
արհեստաւորաց
այդ
նոր
մարմինն
ալ
զինքն
անկար
զգաց
ազգային
բոլոր
պէտքերուն
հանդէպ,
պատրիարքարան,
հիւանդանոց,
վարժարաններ,
աղքատաց
սնտուկ
եւ
առօրեայ
ծախքեր:
Գանգատներ
սկսան
լսուիլ
որ
եթէ
չէիք
կարող
բառնալ
զծանրութիւն
ազգիս,
ընդէ՞ր
առիք
յամիրայից:
Արհեստաւորաց
յանձնախումբը
յուսահատ
ուզեց
բեռը
վրայէն
նետել,
եւ
առանձին
կերպով
Ճանիկ
Փափազեանի
դիմեց
եւ
երբ
նա
յանձն
չառաւ
ինքնիրեն
գործել,
1842
սեպտեմբեր
25-ին
կառավարութեան
յանձնեցին
իրենց
հրաժարականը
եւ
ետ
դարձուցին
ամիրայից
յայտարարութիւնը,
եւ
ամէն
հոգ
նորէն
անոնց
թողուցին,
եւ
նոյեմբեր
13-ին
վերահաստատուեցաւ
ամիրայական
վարչութիւնն
ու
մատակարարութիւնը
(ՊԷՐ.
513),
եւ
պահ
մը
դադրեցաւ
հակամիրայական
պայքարը,
որ
սակայն
շուտով
պիտի
վերանորոգուէր:
2549.
ՍԵՂԱՆԱՒՈՐԱԿԱՆ
ԽՈՒՄԲԸ
Պետական
նոր
կարգադրութիւն
մը
նշանաւոր
դիրք
պիտի
ստեղծէր
հայութեան,
եթէ
երբէք
հնար
եղած
ըլլար
զայն
հաստատուն
եւ
համերաշխ
ձեւի
վերածել:
Օսմանեան
կառավարութիւնը
ելեւմտից
նախարարութիւն
կամ
պետական
գանձի
կեդրոնական
վարչութիւն
չունէր,
իւրաքանչիւր
նախարար
կամ
կուսակալ
կամ
պալատական
իրեն
սեղանաւորն
ունէր,
որ
իր
գանձն
ու
գանձապահն
էր,
ինչ
որ
անոր
պէտք
էր
նա
կը
վճարէր,
եւ
պետական
ելեւմուտքը
մասնաւոր
եւ
անհատական
մատակարարութեան
ձեւ
ունէր:
Այս
մասնաւորները
ընդհանրութեան
վերածելու
նպատակով
1842
մարտ
26-ին
սեղանաւորներու
համախմբութիւն
մը
հաստատուեցաւ,
բոլոր
պետական
գանձումները
եւ
վճարումները
ընկերովի
կատարելու
համար:
Այդ
պաշտօնին
ընտրուեցան
12
սեղանաւորներ,
ամէնն
ալ
հայ
ամիրաներ,
երկու
խումբի
բաժնուած,
կէսը
եւրոպական
եւ
կէսը
ասիական
նահանգներու
հասոյթները
գանձելու
եւ
կեդրոնական
սնտուկին
յանձնելու
պաշտօնով:
Ասիակողման
խումբին
մէջ
էին,
Յարութիւն
Երկանեան,
Պետրոս
Քիւրքճիխանլեան,
Միսաք
Միսաքեան,
Մկրտիչ
Ճէզայիրլեան,
Պաղտասար
Չարազեան
եւ
Պօղոս
Աշնանեան.
իսկ
եւրոպակողման
խումբը
կը
կազմէին,
Ճանիկ
Փափազեան,
Մաքսուտ
Սարիմեան,
Յարութիւն
Կէլկէլեան,
Աբրահամ
Ալլահվէրտեան,
Յովհաննէս
Թնկըրեան
եւ
Յովսէփ
Տավութեան:
Տասներկուքներուն
մէջէն
Երկանեան
ընդհանուր
նախագահ
էր,
իսկ
Փափազեան
իր
ճիւղին
փոխ
նախագահը,
եւ
եւրոպակողման
վերջին
երեքները
հռոմէականներէն
էին:
Եթէ
գործը
համերաշխ
գործունէութեան
հանդիպած
ըլլար,
եւ
եթէ
զեղծումի
կասկածներ
ծագած
չըլլային,
թերեւս
օսմանեան
կայսերութեան
ելեւմտական
կացութիւնը
Հայերու
ձեռք
մնար,
եւ
ընդհանուր
հայութեան
զգալի
եւ
տեւական
օգուտ
մը
պատրաստած
ըլլար:
Սակայն
այս
առաջինը
չէր,
եւ
վերջինն
ալ
պիտի
չըլլար,
որ
Հայոց
բախտաւորութեան
պարագաները
չքանան,
իրենց
իսկ
անզգուշութեամբ:
Այստեղ
կ՚ընդհատենք
Կ.
Պոլսոյ
պատկանեալ
իրողութեանց
պատմութիւնը,
եւ
պահ
մը
կը
դառնանք
Երուսաղէմի
վերջին
անցքերը
քաղել:
2550.
ԾՆՈՒՆԴ
ԵՒ
ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ
Երուսաղէմի
անհատնում
խնդիրներու
առանցքը
կը
դառնայ
սրբավայրերու
վրայ,
եւ
առաւելապէս
Ս.
Համբարձման
լերան
եւ
Ս.
Ծննդեան
այրին
շուրջը:
Երբ
Պաղեստին
եւ
Երուսաղէմ
եգիպտական
իշխանութեան
յանձնուած
էին,
կարծես
թէ
գործադրութիւններ
դիւրացած
էին,
եւ
Հայեր
ջանացին
պարագայէն
օգտուելով
Համբարձման
լերան
վրայ
երկրաշարժէ
փլած
իրենց
եկեղեցին
վերաշինել,
որուն
հրովարտակը
ստացուած
էր,
բայց
գործադրութեան
համար
արգելքնէր
կը
յարուցանէին
միւս
ազգերու
կողմէ:
Արքունի
հրովարտակը
Եգիպտոսի
եւ
փոխարքային
յղուեցաւ
եւ
հրամանագիր
ստացուեցաւ
որ
Հայոց
շինութեան
արգելք
չդրուի,
եւ
իրօք
ալ
շինութեան
ձեռնարկուեցաւ
1836-ին
Պօղոսի
հոգածութեամբ,
եւ
Գաղատացի
Իսահակ
Տէր-Գրիգորեան
վարդապետի
վերակացութեամբ,
եւ
ամենայն
ինչ
ըստ
օրինի
լրացաւ,
եւ
Եւդոկացի
Կարապետ
եպիսկոպոս,
որ
փոխանորդութիւն
կը
վարէր,
առաջին
պատարագը
մատոյց
Ոտնատեղւոյ
գմբէթին
ներքեւ
յուլիս
17-ին:
Երկրորդ
հրամանագիր
մը
հասնելուն
աւելի
եւս
ընդարձակեցին
եւ
լրացուցին
շինութիւնները,
բայց
Լատիններու
եւ
Յոյներու
հակառակութիւնները
չէին
դադրէր:
Հարկ
եղաւ
Եգիպտոս
պատուիրակ
յղել,
եւ
նախարար
Պօղոս
Եուսուֆեանի
միջնորդութիւնը
խնդրել:
Միեւնոյն
ժամանակ
Բեթղեհէմի
խնդիրն
ալ
կը
զայրանար,
Հայեր
փակեր
էին
Լատիններուն
դուռը,
որ
անոնց
եկեղեցին
այրին
հետ
հաղորդակցութեան
կը
դնէր,
Հայոց
յատուկ
եկեղեցւոյ
մէջէն
անցնելով:
Գաղղիոյ
դեսպանը
ամենայն
ոյժով
բացումը
պահանջեց,
եւ
որովհետեւ
թէ
օսմանեան
եւ
թէ
եգիպտական
կառավարութիւնները
Գաղղիոյ
բարեկամութիւնը
կորսնցնել
չէին
հաճեր,
փակուած
դուռը
բանալու
հրամանը
Կ.
Պօլիսէ
տրուեցաւ,
եւ
գործադրութիւնը
Եգիպտոսի
հրամայուեցաւ,
եւ
1836
հոկտեմբեր
20-ին
բացումը
կատարուեցաւ,
եւ
դրան
բանալին
Լատիններուն
յանձնուեցաւ,
եւ
այն
օրէն
ի
վեր
Լատինք
համարձակ
կ՚երթեւեկեն
Հայոց
եկեղեցւոյն
մէջէն,
նոյնիսկ
պաշտամունքը
խանգարելու
տմարդութեամբ,
ինչ
որ
առիթ
ընծայած
է
պատահական
վէճերու
եւ
կռիւներու:
Լատիններ
բուն
ծննդեան
սեղանին
մասնակցութիւն
չունին,
եւ
իրենց
սեփականութիւնն
է
քովընտի
եղող
Մսուրի
սեղանը,
գալու
համար
ներքին
անցք
ալ
ունին,
սակայն
պատուոյ
խնդիր
մը
ըրած
են
վերէն
անցնելու
իրաւունքը,
ինչպէս
ալ
յաջողեցան
եւրոպական
ազդեցութեան
զօրութեամբ,
եւ
ոչինչ
եւ
ապարդիւն
եղեն
մեծագումար
ծախք
եւ
բազմադիմի
աշխատութիւնք
եւ
տառապանք
Հայոց:
Լատինաց
այդ
յաղթութիւնը
զիրենք
խրախուսեց
Համբարձման
լերան
խնդիրն
ալ
իրենց
հաճոյից
համաձայն
կարգադրել,
Հայոց
սեփական
շինութիւնները
քանդել,
Ոտնատեղւոյ
մատուռէն
Հայերը
զրկել,
մատուռին
շուրջը
աւերակ
թողուլ,
եւ
շրջափակին
դրան
բանալին
Տաճկաց
յանձնել:
Մինչեւ
իսկ
բռնական
գործադրութեան
պիտի
ձեռնարկէին,
եթէ
դատաւորը
շինուածը
քանդելու
առաջարկին
չընդդիմանար
(ԱՍՏ.
Բ.
463-465):
Հարկ
եղաւ
նորէն
Կ.
Պոլիս
դիմել,
եւ
խափանուեցան
Հայոց
հակառակ
որոշումները,
բայց
Լատինք
Եգիպտոս
ալ
դիմեցին,
եւ
անկէ
պաշտօնական
քննութեան
հրաման
ստացան:
Քննիչը
յատկապէս
Դամասկոսէ
եկաւ
եւ
Լատիններ
առհասարակ
ամէն
սրբավայրերու
համար
սեփականութեան
պահանջ
յարուցին,
որուն
դիմաց
Հայեր
ցուցուցին,
Մէհմէտի,
Էօմէրի,
Ալիի
եւ
Սալահէտտինի
հրամանագիրները,
որոնցմով
ամէն
սրբավայրերը
Հայոց
եւ
Յունաց
կը
վերագրուին,
եւ
Լատիններու
անունն
իսկ
չի
յիշուիր:
Առջեւ
բերին
նաեւ
քսան
օսմանեան
հրովարտակներ,
եւ
բազմաթիւ
դատաւորական
վճիռներ,
իւրաքանչիւր
սրբավայրին
մէջ
Հայոց
իրաւունքները
հաստատող,
եւ
այս
կերպով
անգամ
մըն
ալ
վտանգն
անցուցին:
Բայց
Լատիններ
չհանդարտեցան,
Յոյներն
ալ
միացան,
Բարձրագոյն
Դուռն
ալ
չկրցաւ
օտար
միջամտութեան
դիմադրել,
եւ
Հայերու
ձեռք
ձգած
վերջին
երեք
հրովարտակները,
1833-ին
Ս.
Յարութեան
եւ
1835-ին
Ս.
Ծննդեան
նորոգութեանց
եւ
1836-ին
Ս.
Համբարձման
շինութեան
համար,
իբրեւ
մասնակի
դիմումով
եւ
ոչ
համաձայնութեամբ
տրուած
հրովարտակներ,
ջնջուեցան
եւ
չեղած
սեպուեցան,
եւ
միանգամայն
1837
փետրուար
21-ին
նոր
հրովարտակ
մըն
ալ
տրուեցաւ
Յունաց,
ընդհանուր
նորոգութեանց
իրաւունքը
վերահաստատող
(ԱՍՏ.
Բ.
475),
մեծ
հրդեհէն
ետքը
ձեռք
ձգուած
հրամանին
համաձայն
(§
2408):
Յոյներ
այս
հրամանագիրով
զօրացած
սկսան
Համբարձման
շինութեանց
քանդումը
պահանջել
դատաւորէն,
որ
էր
Համտուլլահ
էֆէնտի,
եւ
երբ
նա
ընդդիմացաւ
անոր
դէմ
ալ
ամբաստանութիւններ
գրեցին
Եգիպտոս
եւ
նոր
քննութեան
համար
յատուկ
պաշտօնեայ
եկաւ
Եգիպտոսէ
1838-ին,
որ
Հաֆըզ
Ռէշիտ
էֆէնտի,
եւ
ատեան
կազմուեցաւ
Երուսաղէմի
դատարանը,
ուր
Հայոց
կողմէն
ներկայացան
փոխանորդ
Կարապետ
եպիսկոպոս
եւ
թարգման
Իսահակ
եպիսկոպոս
եւ
թարգման
Իսահակ
վարդապետ:
Վիճաբանութիւնները
եւ
քննութիւները
կատարուեցան
հրովարտակներու
եւ
թուականներու
եւ
գործողութիւններու
մանրազնին
բաղդատութեամբ,
նոյնիսկ
տեղերուն
վրայ
ալ
երթալով,
եւ
ամենայն
ինչ
գիրի
առնուելով
(ԱՍՏ.
Բ.
477-499),
յղուեցան
Եգիպտոս
եւ
Կ.
Պոլիս:
Նոր
քննութեան
պէտքը
զգացուեցաւ
եւ
1838
օգոստոսին
քննիչ
մըն
ալ
Կ.
Պոլիսէ
յղուեցաւ
Շաթզատէ
Արիֆ
էֆէնտի,
որ
զանազան
մասերը
այցելելէ
ետքը
սեպտեմբեր
26-ին
իր
տեղեկագիրը
պատրաստեց,
որով
Լատիններու
եւ
Յոյներու
հաճելի
ըլլալուն
եւ
խնդիրները
փակելու
համար
Համբարձում
լերան
նոր
շինութեանց
քանդուիլը
կառաջարկէր:
Բարձրագոյն
Դուռն
ալ
համակերպելով
քանդելու
հրամանը
տուաւ,
եւ
1839
սեպտեմբեր
11
եւ
12
երկուշաբթի
եւ
երեքշաբթի
օրերը
աշխարհախումբ
բազմութեամբ
հրամանը
գործադրուեցաւ,
եւ
շրջափակին
մէջը
կատարեալ
աւերակի
վերածուեցաւ,
եւ
մոլեգնեալ
քանդիչներ
անցանէին
թմբկօք
եւ
պարուք
իբրեւ
յաղթանակաւ
առաջի
վանաց
Ս.
Յակոբայ
ի
նախատինս
Հայոց,
որոնք
ցաւագին
շեշտերով
եղելութիւնները
հաղորդեցին
Էջմիածին
եւ
Կ.
Պօլիս
եւ
Եգիպտոս:
Այս
տարադէպ
եւ
բռնական
գործողութենէն
երկու
ամիս
ետքն
էր
որ
Թանզիմաթը
կը
հրատարակուէր
(§
2438):
2551.
ՔԱՆԻ
ՄԸ
ԵՂԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Երուսաղէմի
անցքերէն
յիշատակութեան
արժանի
է
նաեւ
Ասորւոց
խնդիրը,
որոնց
անունը
թիւրիմացութեամբ
կաթոլիկներու
ազգապետական
կազմութեան
հրովարտակին
սպրդած
էր,
եւ
Երուսաղէմի
լատին
հոգեւոր
իշխանութիւնը
առիթ
էր
առած
Ասորւոց
եկեղեցին
գրաւելու:
Ասորիներ
Հայոց
պատրիարքարանին
դիմեցին,
եւ
Տիարպէքիր
նստող
կաթողիկոսնին
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքին
գրեց,
եւ
գիրով
ու
անձամբ
դիմումներ
կատարուեցան,
եւ
Ասորիներուն
Հայոց
եւ
ոչ
Հռոմէականաց
դաւանակից
ըլլալնին
հաստատուեցաւ:
Ասորիներու
բացակայութեան
Հայեր
գրաւեցին
Ասորւոց
Ս.
Մարկոս
եկեղեցին
եւ
վանքը,
շինեցին
շտկեցին
եւ
շէնցուցին,
մինչեւ
որ
նոր
եպիսկոպոս
մը
ղրկուեցաւ
Տիապէքիրէն
Ապտիւլնուր
անուն,
որ
1841-ին
Երուսաղէմ
հասաւ,
եւ
Հայեր
անհակառակ
եւ
առանց
պահանջի
յանձնեցին
անոր
ամէն
բան,
բայց
ոչ
միայն
երախտագիտութեան
նշան
մը
չտեսան,
այլեւ
ուր
որ
հայ
գիր
կամ
հայ
յիշատակ
կար,
ջնջուեցաւ
եւ
վերցուեցաւ
Ապտիւլնուրի
ձեռքով
(ՍԱՒ.
1233):
Երուսաղէմի
համար
նշանակութիւն
ունեցող
պարագայ
մը
եղաւ
բողոքական
դաւանութեան
անգղիական
կամ
եպիսկոպոսական
յարանուանութենէ
եպիսկոպոսի
մը
Երուսաղէմ
հաստատուիլը
1840-ին:
Բրուսիոյ
լուտերական
յարանուանութիւնն
ալ
փափաքեցաւ
օգտուիլ
պարագայէն,
եւ
ծախուց
մասնակցելով
երկու
յարանուանութեանց
հասարակ
հոգեւորական
իշխանութիւն
ունենալ:
Առաջին
անգամ
դժուարութեանց
հանդիպելնուն`
Սօղօմոն
Ալեքսանտր
եւ
անոր
յաջորդ
Սամուէլ
Գօբա
անգղիական
եպիսկոպոսներ
սեփական
գետին
ստանալու
համար,
ինչ
որ
ներեալ
չէր
օտարազգերուն,
հազիւ
1847-ին
հայու
մը
անունով
գնեցին
Դաւիթի
աշտարակին
հանդիպակաց
գետինը,
եւ
անոր
անունով
արտօնուեցան
եկեղեցի
եւ
եպիսկոպոսարան
հիմնել,
եւ
այնպէս
շարունակեցին
մինչեւ
վերջին
ժամանակներ,
երբ
դաշնակցութիւնը
խզուեցաւ,
եւ
Բրուսիոյ
լուտերականք
իրենց
առանձին
եկեղեցի
եւ
երիցատուն
հիմնեցին
Ս.
Յարութեան
տաճարին
մօտերը:
Յիշենք
եւ
1839-ի
թանզիմաթին
հետեւանօք
(§
2545)
Երուսաղէմի
վրայ
դարձուած
պետական
ակնարկը:
Կայսերական
մտադրութիւնը
եւրոպական
կարգաց
մերձեցման
եւ
քրիստոնեայ
տարրին
հովանաւորութեան
ոյժ
տալ
էր,
եւ
այս
աւելի
պէտք
էր
շեշտուէր
Երուսաղէմի
վրայ:
Ուստի
1841
յունիսին
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքներ
բարձրագոյն
դուռ
հրաւիրուեցան,
եւ
հոն
իրենց
հաղորդուեցաւ,
որպէսզի
իրենք
Երուսաղէմ
հաղորդեն,
թէ
Երուսաղէմ
Դամասկոսի
կուսակալութենէն
զատուած
եւ
անկախ
կառավարչութեան
վերածուած
է,
թէ
առանց
ազգի
եւ
կրօնքի
տարբերութեան
Երուսաղէմի
մէջ
ամէն
քրիստոնեաներ
ծիսակատարութեանց
եւ
գործունէութեանց
կատարեալ
ազատութիւն
պիտի
վայելեն,
հարկեր
եւ
տուրքեր
ընդհանուր
օրէնքներու
տրամադրածէն
աւելի
պիտի
չպահանջուին,
եկեղեցիներ
եւ
սրբավայրեր
եւ
վանքեր
ապահարկ
պիտի
ըլլան,
նորոգութիւններ
եւ
շինութիւններ
ազատաբար
պիտի
կատարուին,
տեղական
իշխանութիւններ
բռնի
վանքեր
պիտի
չմտնեն,
վաքերու
կողմէ
արտաքին
ոյժ
խնդրուած
ատեն
պիտի
չզլացուին,
եւ
կարեւոր
խնդիրներ
մայրաքաղաքի
որոշմանց
պիտի
ենթարկուին:
Համաձայն
այդ
յանձնարարութեանց
պարտուպատշաճը
հաղորդուեցաւ
1841
յուլիս
15-ին
Ստեփանոս
պատրիարքի
կողմէն
ծայրագոյն
կառավարիչ
Պօղոսի,
որ
ամէն
իշխանութիւն
կը
վարէր
Գաբրիէլի
մահուանէ
ետքը
(ՍԱՒ.
1235):
2552.
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ
ԴՐԱՄԸ
Կոստանդնուպոլսոյ
պատրիարքութեան
վրայ
խօսած
ատեննիս
յիշեցինք
Կիրակոս
եպիսկոպոսի
ձեռքով
Երուսաղէմի
հաշիւներուն
Կ.
Պոլիս
յղուած
ըլլալը
(§
2539):
Հաշիւները
քննելու
գործը
յանձնուեցաւ
Յարութիւն
Երկանեան
եւ
Միքայէլ
Փիշմիշեան
եւ
Ճանիկ
Փափազեան
ամիրաներու,
որոնք
բարւոք
դիտողութեամբ
ամէն
տէտեր
քննելով,
ուրախ
եղեն
յոյժ
եւ
գովեցին
զխոհական
կառավարութիւն
ծայրագոյն
կառավարիչ
Պօղոսի:
Հաշիւը
1835-ին
մէջ
բաւական
պատրաստ
գումար
ցոյց
կու
տար,
եւ
մինչեւ
1837
երկու
տարիներու
մէջ
հարկաւ
պատրաստը
շատցած
կ՚ըլլար,
ուստի
հաշուեքննիչները
մտածեցին
ապահով
վիճակ
մը
տալ
այդ
գումարին,
որ
մի'
գուցէ
յանպէտս
ծախսուի,
կամ
թէ
վտանգի
մը
ենթարկուի:
Կիրակոս
եպիսկոպոսի
ցուցած
կերպերը,
իբրեւ
պահեստի
գումար
գանձատուն
յանձնելու,
կամ
թէ
նոր
շինութիւններ
աւելցնելու,
ամիրաները
չգոհացուցին,
եւ
ապահովագոյն
սեպեցին
գումարը
Կ.
Պոլիս
փոխադրել,
որպէսզի
Երուսաղէմէ
ընտրուած
անձի
մը
վերակեցութեամբ
եւ
իրենց
երեքին
գիտութեամբ
փակեալ
եւ
կնքեալ
արկեղբ
զետեղեսցին
ի
ներքին
քարուկիր
գանձատան
մայր
եկեղեցւոյն,
եւ
կամ
թէ
շահագործուի
քարուկիր
կալուած
ստանալով
Կ.
Պոլիս
կամ
Զմիւռնիա,
եւ
կամ
թէ
գնեսցեն
ադամանդեայ
ակունք,
որք
միշտ
յաճոււմն
գնոյ
բնաւորեալ
են:
Այս
նպատակով
1837
յունիս
20-ին
խորհրդաբար
գիր
ուղղեցին
Պօղոս
կառավարիչին
երախտագէտ
մտօք
շնորհակալու
լինելով
զխոհեմազարդ
տնտեսութենէ
նորին:
Առաջարկը
լաւ
ընդունելութիւն
չգտաւ
Պօղոսի
աչքին,
որուն
հաճոյական
չէր
իր
արդիւնքը
Կ.
Պոլսոյ
քմայքին
յանձնել.
իսկ
մայրաքաղաքի
մեծամեծներ
այլեւս
չպնդեցին
դրամը
ձեռք
անցընելու
գաղափարին
վրայ,
եւ
գոհացան
կանխաւ
յղացուած
խորհուրդը
իրականացնել,
այն
է
Երուսաղէմի
դրամով
բարձրագոյն
վարժարան
մը
ունենալ
մայրաքաղաքին
մէջ:
Այդ
գործը
որոշուած
եւ
1830
սեպտեմբեր
18-ին
Ճեմարանի
հիմնարկէքն
ալ
եղած
էր,
ուստի
բոլոր
ջանքերնին
դարձուցին
զայն
լրացնելու,
եւ
1838
դեկտեմբեր
9-ին,
որ
է
ըսել
դրամագլուխին
տիրանալու
համար
գրուած
նամակէն
իբր
տարի
ու
կէս
ետքը
Ճեմարանի
բացումը
կատարուեցաւ
(§
2540),
որուն
ոչ
միայն
գետինը
եւ
շինութեան
ծախքը
Երուսաղէմէն
առնուեցաւ,
այլեւ
առօրեայ
ծախուց
համար
նախապէս
տարին
60,
000
եւ
հետզհետէ
աւելնալով
120
000
դահեկան
Երուսաղէմէ
կը
պահանջուէր,
մինչեւ
որ
ժամանակին
շփոթները
առիթ
ընծայեցին
Երուսաղէմի
այդ
բեռը
աթոռին
վրայէն
թօթափել:
2553.
ԳԱԲՐԻԷԼԻ
ՄԱՀԸ
Այդ
գործողութեանց
միջոցին
տակաւին
կենդանի
էր
Գաբրիէլ
Նիկոմիդիացի
պատրիարքը,
այլ
իբրեւ
թէ
չկար,
զի
ոչ
միայն
որոշում
եւ
գործունէութիւն
Պօղոսի
ձեռքն
էր,
այլեւ
Գաբրիէլ
մարմնով
ալ
տկարացած
եւ
տարիքով
ալ
յառաջացած
կ՚ապրէր
լռութեամբ
ի
սենեկի
իւրում,
հեռի
որեւէ
գործառութենէ:
Այդ
վիճակի
մէջ
գտաւ
զայն
անողոք
մահը
1840
ապրիլ
25-ին,
Նոր
Կիրակիի
հիգշաբթի
օրը,
76
տարեկան
հասակին
մէջ:
Թաղումը
կատարուեցաւ
հանդիսապէս
պատրիարքական
վայելչութեամբ,
եւ
Պօղոսի
նախագահութեամբ,
եւ
մարմինը
ամփոփուեցաւ
Ս.
Փրկիչ
եկեղեցւոյ
բակը
պատրիարքներու
կարգին:
Գաբրիէլ
ընտրուած
էր
1819
յուլիս
12-ին
(§
2423),
որով
21
տարի
պատրիարքական
աթոռին
վրայ
մնացած
կ՚ըլլայ,
այլ
ոչ
պատրիարքութիւն
վարած,
զի
1823
օգոստոս
11-ին
գործունէութիւնը
իրմէ
առնուելով
խորհրդականներուն
փոխանցուեցաւ
(§
2427),
եւ
1824
օգոստոս
19-ին
Երուսաղէմէ
ալ
հեռացուեցաւ
(§
2447),
եւ
10
տարի
դուրսերը
մնալէն
ետքը
1834
օգոստոս
19-ին
վերադարձաւ
(§
2496),
սակայն
աթոռին
վարչութիւնը
Պօղոսի
ձեռքը
մնաց,
եւ
մինչեւ
իր
մահը
պատուակալ
պատրիարքութեան
դերը
պահեց:
Գաբրիէլէ
երկու
տարի
առաջ
1838
յունիս
10-ին
վախճանած
էր
Երեւանցի
Մկրտիչ
Մեղրիկ
լուսարարապետ
եպիսկոպոսը
84
տարեկան,
եւ
անոր
յաջորդած
էր
Նիկոմիդացի
Գրիգորիս
վարդապետ,
որ
իր
Յոպպէի
տեսչութեան
ատեն
հնտախտի
դէմ
զգուշարանն
էր
շինած,
եւ
լուսարարապետութեան
անցնելէն
ետքը
Յոպպէի
տեսչութեան
եւ
զգուշարանի
հոգածութեան
կոչուած
էր
Ամդեցի
Մեսրոպ
վարդապետ
(ՍԱՒ.
1222):
Գաբրիէլ
պատրիարքի
յաջորդին
ընտրութիւնը
տարի
մը
ուշացաւ,
զի
Պօղոս
կենդանի
էր
եւ
գործի
գլուխ
էր,
եւ
պատրիարքի
անձը
թարմատար
անուն
էր
դարձած
բաւական
տարիներէ
իվեր,
եւ
միաբանութիւնն
ալ
յօժար
չէր
նոր
ընտրութեամբ
Պօղոսի
դիրքը
խախտել:
Միւս
կողմէն
պատրիարքութեան
առաջնակարգ
ընտրելի
նկատուած
էր
Կիրակոս
Մնացականեան
եպիսկոպոսը
որ
սակայն
Երուսաղէմացի
էր,
եւ
միաբանական
հնաւանդ
կանոն
մը
Երուսաղէմացիները
միաբանակցութենէ,
եւս
առաւել
միաբանութեան
գլխաւորութենէն
հեռու
կը
պահէր:
Կիրակոսէ
ետքը
աչքառու
անձը
Զաքարիա
եպիսկոպոսն
էր,
որ
Պօղոսի
փոխանորդն
ալ
էր,
բայց
Կիրակոսի
աշակերտ
կը
համարուէր,
եւ
արդիւնքով
ալ
անկէ
կրտսեր
էր,
այնպէս
որ
յարմար
չէր
տեսնուեր
զայն
պատրիարքութեան
բարձրացնել:
Միաբանութեան
մտահոգութիւն
պատճառող
առիթ
եղաւ
նաեւ
տարածուած
լուրը
թէ
Յովհաննէս
Զմիւռնացի
վարդապետը,
որ
Կ.
Պոլսոյ
փոխանորդ
էր,
կը
ջանայ
մեծամեծները
շահելով
պատրիարք
ընտրուիլ,
մինչ
շատոնց
էր
որ
Կ.
Պոլսոյ
փոխանորդութեան
հաշիւները
չէր
յղած
հակառակ
իրեն
ուղղուած
հրամաններուն:
Այդ
պատճառով
միաբանութիւնը
1840
օգոստոս
23
թուականով
հանրագրութիւն
մը
կ՚ուղղէ
Աղաւնի
պատրիարքին
թէ
Յովհաննէսի
պատրիարքութիւնը
չընդունիր,
մանաւանդ
թէ
իբրեւ
հաւատարիմ
միաբան
ալ
չի
ճանչնար:
Այդ
գրութեան
ստորագրած
էին
Պօղոս
եւ
չորս
եպիսկոպոսներ,
Կարապետ,
Կիրակոս,
Զաքարիա
եւ
Մարկոս
եւ
40
վարդապետներ:
Չենք
գիտեր
թէ
մինչեւ
որ
աստիճան
հաւանականութիւն
ունէր
Յովհաննէսի
պատրիարքանալը,
քանի
որ
Երուսաղէմէ
ընտրելեաց
ցանկ
յղուած
չէր,
եւ
Յովհաննէսի
խնդիր
ալ
չեղաւ,
եւ
ընտրութիւնը
կ՚երկարաձգուէր:
Բայց
վերջապէս
աթոռն
ալ
երկար
տարիներ
թափուր
թողուլ
պատշաճ
չէր,
Պօղոսի
պատրիարք
ընտրուելու
տարիքը
անցած
էր,
զի
78
տարեկան
եղած
էր
արդէն.
եւ
ինքն
ալ
ծերացած
եւ
յօգնած
եւ
տկարացած,
բեռը
թեթեւցնելու
եւ
հանգիստ
առնելու
պէտքը
կը
զգար:
Ուստի
ինքն
Պօղոս
նախաձեռնարկ
եղաւ
եւ
միաբանութիւնը
ընտրողական
ժողովի
հրաւիրեց
1841
մարտ
18-ին
եւ
երեք
ընտրելիներ
նշանակուեցան
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքութեան
ներկայելու,
որոնք
էին
Կիրակոս
Մնացակեան
Երուսաղէմացի
եւ
Զաքարիա
Տէր-Պետրոսեան
Կոփեցի,
եւ
Յակոբոս
Սերոբեան
Կ.
Պոլսեցի
(ԱՍՏ.
Բ.
512),
որ
նախընթաց
1840
սեպտեմբերին
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքութենէն
հրաժարած
էր
(§
2546):
Ընտրողական
գիրը
Կ.
Պոլիս
յղուեցաւ
Գաղատացի
Իսահակ
վարդապետի
ձեռքով,
եւ
Ստեփանոս
Աղաւնի
որ
երկրորդ
անգամ
պատրիարքութեան
դարձած
էր,
աւագանին
գումարեց
ընտրութիւնը
լրացնելու:
Կիրակոս
համեստ
վարմունքով
մը
կանխաւ
հրաժարած
էր
ընտրութենէ,
յարգելով
միաբանական
հնաւանդ
սովորութիւնը
եւ
հրաժարագիրն
ալ
յանձնած
էր
պատուիրակ
վարդապետին
(ԱՍՏ.
Բ.
513),
իսկ
Յակոբոս
որչափ
ալ
միաբանութենէ
ընտրելի
ցուցուած
էր,
բայց
Երուսաղէմի
միաբանութենէն
չէր,
եւ
իր
ընտրութիւնը
կրնար
խոսից
նիւթ
ընծայել,
ուստի
ընտրութիւնը
կեդրոնացաւ
Զաքարիայի
վրայ,
որ
արդէն
60
տարեկան
էր,
եւ
արդիւնաւոր
նախընթաց
ունեցած
էր,
եւ
նոյն
պահուն
ալ
Պօղոսի
աջակից
եւ
գործակիցն
էր:
Ընտրութիւնը
հաստատող
հրովարտակն
ալ
առնուեցաւ,
եւ
պատուիրակ
Իսահակ
վարդապետին
ձեռքով
Երուսաղէմ
յղուեցաւ,
որ
հասաւ
օգոստոս
16-ին,
բայց
կառավարիչ
Թայար
Փաշայի
բացակայութեան
պատճառով,
հարկ
եղաւ
մինչեւ
դառնալը
յետաձգել
գահակալութիւնը,
որ
տեղի
ունեցաւ
հրովարտակին
հասնելէն
երկու
ամիս
ետքը,
հոկտեմբեր
24-ին
(ՍԱՒ.
1237),
Գիւտխաչէն
երկու
օր
առաջ:
2554.
ԶԱՔԱՐԻԱ
ԿՈՓԵՑԻ
Զաքարիա
ծնած
էր
1780-ին
Պուլանըքի
կամ
հին
Հարք
գաւառի
Կոփ
աւանը,
ուր
է
Ս.
Դանիէլի
վանքը,
եւ
ոչ
թէ
Կորդուաց
Կողբ
գիւղը,
որ
գոյութիւն
ալ
չունի:
Որդի
էր
Պետրոս
քահանայի,
որ
կանուխ
այրիանալուն
իր
մանկիկը
ծանօթ
կնոջ
մը
կը
յանձնէ,
եւ
ինքն
աբեղայ
կը
մտնէ
Մշոյ
Ս.
Առաքելոց
վանքը:
Իբր
տասը
տարեկան
եղած
ատեն
հայրը
տղան
վանք
կ՚առնէ,
ընթերցանութիւն
եւ
գիր
եւ
նախնական
գիտելիքներ
սովորեցնելու,
բայց
Զաքարիա
ուսման
փափաքով
երկու
ընկերներու
հետ
Էջմիածին
կ՚երթայ,
ուր
պահ
մը
կ՚աշակերտի
Աշտարակեցի
Ներսէս
վարդապետի:
Քիչ
ետքը
նորէն
հօրը
մօտ
կը
դառնայ
եւ
դարձեալ
աւելիին
ձգտումով
Կ.
Պոլիս
կ՚անցնի,
եւ
հոն
պատահմամբ
Վենետիկի
Մխիթարեաներէն
ոմանց
ծանօթանալով
Ս.
Ղազարու
վանքը
կը
ղրկուի
աշակերտութեան:
Քանի
մը
տարիներ
կը
մնայ
հոն
եւ
ըստ
բաւականին
կ՚օգտուի
ալ,
բայց
կատարելապէս
անոնց
յարիլ
չի
յօժարիր,
եւ
երբ
միաբանութեան
ընծայացու
օրհնուելու
առաջարկը
կ՚ընդունի,
պատճառանքով
մը
վանքը
կը
թողու
եւ
կը
մեկնի,
եւ
Կ.
Պոլիս
գալով
Երուսաղէմի
փոխանորդին
կը
ներկայանայ,
եւ
անոր
ձեռքով
Երուսաղէմի
վանքը
կը
ղրկուի:
Իբրեւ
նոր
միաբանցու
ըստ
սովորութեան
առաջ
հասարակ
ծառայութեանց
կը
դրուի,
բայց
փոքր
ի
շատէ
ուսմանց
վարժուած
ըլլալը
յայտնուելուն
գրագրութեան
պաշտօնով
պատրիարքարան
կը
փոխադրուի
Կիրակոս
վարդապետի
ձեռաց
ներքեւ.
հետզհետէ
եկեղեցական
ձեռնադրութիւններն
ալ
կ՚ընդունի
մինչեւ
քահանայական
եւ
վարդապետական
աստիճանները
Թէոդորոս
պատրիարքի
ձեռքէն,
որ
է
ըսել
1818-
էն
առաջ:
Մենք
կը
գտնենք
զինքը
1820-ին
նուիրակութեան
ելած
Տիարպէքիր
եւ
Սասուն,
եւ
յետոյ
Զմիւռնիա,
ուսակից
1826-ին
Կ.
Պոլսոյ
փոխանորդութեան
կը
կոչուի
(ՍԱՒ.
1240),
Եդեսացի
Յարութիւն
վարդապետի
յաջորդ
(§
2449):
Այդ
պաշտօնին
մէջ
Զաքարիա
արդիւնաւոր
օգնական
եղաւ
Պօղոսի,
պարտքերու
թեթեւութեան
համար
1827-ին
ստացած
հրովարտակին
յաջողութեան
մէջ
(§
2451),
եւ
իր
նախաձեռնութեան
եւ
աշխատութեան
արդիւնքն
եղաւ
Ս.
Գերեզմանին
վրայ
պատարագելու
հրովարտակին
ստացութիւնը
1829-ին
(§
2453),
իսկ
Ս.
Գողգոթայի
տիրանալու
համար
ձեռնարկած
փորձը
ձախողելուն
1830-ին
Կիպրոս
աքսորուեցաւ
(§
2454),
ուսկից
կրցաւ
Երուսաղէմ
անցնիլ
1831-ին
եւ
եպիսկոպոսութեան
ալ
բարձրանալով
1833-ին
(§
2492),
Պօղոսի
փոխանորդ
եւ
աջակից
եղաւ
մինչեւ
իր
պատրիարքութեան
բարձրանալը:
Ինչ
որ
ընդհանուր
կերպով
վարչական
եւ
մատակարարական
ճիւղերուն
կը
պատկանի,
գլխաւորաբար
Պօղոսի
գործունեայ
եւ
աննկուն
ճիգերուն
արդիւնքը
պիտի
ճանչցուին
անշուշտ,
եւ
Զաքարիայի
երկրորդական
դերն
ընծայել
չենք
վարանիր.
բայց
Զաքարիա
ալ
ունեցաւ
իրեն
յատուկ
ասպարէզ
մը,
որուն
մէջ
առաջնութիւնը
պէտք
է
իրեն
վերապահենք,
եւ
այս
ալ
է
Երուսաղէմի
մէջ
տպարանի
սկզբնաւորութիւնը,
եւ
կանոնաւոր
վարժարանի
կազմակերպութիւնը:
Այդ
գաղափարներուն
սերմը
ստացած
էր
Զաքարիա
Էջմիածնի
եւ
մանաւանդ
Վենետիկի
աշակերտութիւններէն,
եւ
դիւրըմբռնելի
նախաձեռնութեամբ
մը
կը
փափաքէր
Երուսաղէմի
բազմադարեան
աթոռն
ալ
նոյն
առաւելութիւններով
ճոխացնել:
Կ.
Պոլսոյ
փոխանորդութեան
օրէն
սկսած
էր
տպարանի
նիւթեր
եւ
գործիքներ
եւ
գիրերու
մայրեր
գնել.
Կիպրոս
եղած
ատեն
Թրիէստ
բնակող
Եուսուֆեան
Պետրոս
վաճառականէն
մամուլ
մը
եւ
տառեր
նուէր
կը
խնդրէ
եւ
կը
ստանայ:
Երուսաղէմէ
Եգիպտոս
գացած
մէկ
միջոցին
վիմագրական
մամուլ
մըն
ալ
Ալէքսան
Եղիազարեանէ
նուէր
կ՚առնէ,
եւ
այսպէս
նախապատրաստութիւնները
փոքրիշատէ
կարգադրելով
կը
յաջողի
1833-ին
ապարանը
բանալ
Երուսաղէմի
մէջ
ծայրագոյն
կառավարիչ
Պօղոսի
իշխանութեամբ
եւ
միաբանական
ժողովոյ
որոշմամբ:
Կիրակոս
եւ
Զաքարիա
տպարանի
եւ
վարժարանի
վերակացու
կ՚անուանուին,
եւ
իրենց
տրամադրութեան
կը
թողուին
նոյն
ինքն
Պօղոսի
եւ
Մեղրիկ
Մկրտիչի
աթոռին
վրայ
ունեցած
անձնական
պահանջները,
եւ
ճամբան
վախճանած
հնդկաց
նուիրակ
Սամուէլ
վարդապետի
թողօնը
(ՆՇՆ.
18):
Տպարանի
բացման
թուականէն
մինչեւ
Զաքարիայի
պատրիարքութիւնը
անցած
ութը
տարիներու
մէջ
Երուսաղէմի
տպարանէն
ելած
հրատարակութիւններուն
կարգին
նշանաւոր
կարգին
նշանաւոր
է
նոյն
ինքն
Պօղոսի
երկասիրութիւնն
եղող
Զանազանութիւն
հինգ
դարուց
մակագրեալ
եռահատոր
հայատառ
թուրքերէն
գործը
(ՆՇՆ.
20),
որ
եւ
հին
եւ
նոր
կտակարաններու
պատմութիւնը,
պարզաբանուած
եւ
բացատրութիւններով
ճոխացած,
եւ
մայրենի
լեզուն
չխօսող
Հայերուն
դիւրութեան
համար
գրուած,
ինչ
որ
Պօղոսի
ուսմանց
նուիրուելուն
առաջին
տարիներէ
սկսելով
հաստատուն
նպատակն
էր
եղած
(§
2351):
Այստեղ
Երուսաղէմի
անցքերն
ալ
ընդհատելով
կը
դառնանք
Էջմիածին,
Կարբեցիին
վերջին
օրերուն
պատմութիւնն
ամփոփելու:
2555.
ԹԵՄԱԿԱՆ
ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆՔ
Արդէն
սկսած
էինք
Յովհաննէսի
վերջին
գոծերը
պատմել,
եւ
ակնարկած
ալ
էինք
թէ
գործերը
միշտ
կանոնաւոր
եւ
նպաստաւոր
երեւոյթ
չունէին
(§
2537):
Պօլօժէնիէի
գործադրութիւնը
իր
սկզբնաւորութեան
մէջ
շատ
շփոթութեանց
առիթ
ընծայեց,
նկատելով
որ
եկեղեցականութիւնը
դեռ
վարժ
չէր
ամենայն
ինչ
կանոնով
եւ
չափով
գործելու:
Թէ
մայրաթոռոյ
սինոդը
եւ
թէ
վիճակներու
կոնսիսդորիաները
չէին
կրնար
մօտէն
հետեւիլ
ռուսական
լեզուով
եւ
պետական
բնոյթով
գործողութեանց,
որով
վարիչներ
ստորակարգեալ
պաշտօնեաներու
ձեռքը
խաղալիք
կը
դառնային,
ասոնք
ալ
անոնց
անունով
ամէն
տեսակ
զեղծումներ
եւ
նենգութիւններ
եւ
կաշառակերութիւններ
համարձակ
կը
գործէին:
Այդ
վիճակին
աւելի
ենթարկեալ
էին
Տփղիսի
Կարապետ
եւ
Շամախիի
Ստեփանոս
առաջնորդները,
Տաճկահայոց
գաղթին
գլուխները,
որոնք
հակառակ
քանի
տարիներէ
յետոյ
Ռուսական
հողը
փոխադրուած
ըլլալնուն,
ամբողջաբար
կը
պահէին
իրենց
նախնական
սովորոյթները,
եւ
կարգուսարքը,
որ
էր
կամ
աղիկամի
գործեր
կատարել
եւ
կամ
գործերը
ազատօրէն
ստորադրելոց
ձեքը
թողուլ:
Համեմատաբար
լաւագոյն
էր
Բաղդասար
մետրապոլիտին
կառավարած
թեմին
կացութիւնը,
զի
առանց
դժուարութեան
կը
վարէր
նա
գործերը,
ինչպէս
կանխուէն
սովորած
էր,
ժողովուրդը
իրն
էր,
ինքն
ալ
ժողովրդին
ծանօթ,
մինչ
Կարապետ
եւ
Ստեփանոս
բոլորովին
իրենց
օտար
տարրի
մէջ
կը
գտնուէին:
Երեւանի
գործերն
ալ
շատ
դիտողութեանց
տեղի
չէին
տար,
զի
բուն
թեմակալ
կը
նկատուէր
Կաթողիկոսը,
որչափ
ալ
Արղութեան
փոխթեմակալը
իբր
անկախ
առաջնորդ
կը
գործէր:
Իսկ
Կովկասին
հիւսիսակողմը
Ներսէս
եւ
Սերովբէ
գործի
վարժ
էին:
Էջմիածնի
սինոդը
իրեն
նպատակ
ունէր
վիճակներուն
արդիւնքովը
մայրաթոռը
զօրացնել,
իսկ
վիճակներ
հարկաւ
կը
դժուարանային
ինքզինքնին
զրկել,
կամ
թէ
անուղիղ
միջոցներով
տեղը
լեցնելու
համարձակութիւն
կ՚առնէին:
Բայց
Ներսէս
անոնցմէ
չէր
որ
սինոդին
խաղին
բռնուէր,
եւ
սինոդի
պահանջներուն
հեգնական
ձեւերով
կը
պատասխանէր,
թէ
Երջանիկ
է
այժմ
Հայոց
ազգը,
որ
ունեցաւ
վերջապէս
իւր
ցանկացած
հայրապետը,
որի
ձեռնարկած
բարենորոգութեանց
շնորհիւ
եւ
աչալրջութեամբ
սրբազան
Սիւնհոդոսի
այսուհետեւ
ազգը
բարօրութիւն
պիտի
վայելէ
(ԵՐՑ.
Բ.
461):
Ներսէս
Պօլօժէնիէի
յօդուածներով
վիճակին
համար
ըլլալիք
ձեռնարկները
առջեւ
կը
դնէր,
եւ
ոչ
միայն
բան
մը
չէր
ղրկեր,
այլեւ
ուրիշ
վիճակներու
մէջ
հանգանակութիւն
բանալու
պէտքը
կը
զգացնէր:
Սինոդը
հարկաւ
կ՚իմանար
Ներսէսի
խաղերը,
բայց
դատ
կամ
հալածանք
յարուցանելու
առիթ
չէր
գտներ,
իր
օրագրութեանց
մէջ
ցաւ
կը
յայտնէր,
եւ
վերջապէս
թղթակցութիւնը
կը
դադրեցնէր:
Բայց
Յովհաննէս
չէր
հանդարտեր
եւ
Սերովբէ
Արարատեանի
գրգռութեամբ,
Նոր
Նախիջեւանը,
Մոսկուան,
եւ
Պետրբուրգը
Բեսարաբիայի
վիճակէն
զատելով
Աստրախանի
խառնելու
համար
պաշտօնագիր
կը
մատուցանէր
կառավարութեան,
եւ
եթէ
որ
չյաջողի,
Միքայէլ
Սալլանթեանը,
որ
Մոսկուայի
եւ
Պետրբուրգի
յաջորդ
կամ
փոխանորդ
էր,
Նոր
Նախիջեւանի
եւ
Նիժնինովկորոտի
յաւելուածով
անկախ
առաջնորդ
հռչակել
կ՚առաջարկէր.
սակայն
երկու
կերպերն
ալ
ընթացք
չէին
գտներ
նախարարութեան
առջեւ,
ոչ
միայն
Պօլօժէնիէի
մէջ
վիճակներու
կազմակերպութիւնը
վճռուած
ըլլալուն,
այլեւ
Ներսէսի
արժանաւորութեանց
եւ
արդիւնաւորութեանց
վկայուած
ըլլալուն,
եւ
Սերովբէի
վատ
կողմից
յայտնի
լինելուն
պատճառով:
2556.
ՀՆԴԿԱՀԱՅ
ԳԱՂՈՒԹԸ
Պօլօժէնիէի
հաստատութենէն
չորս
տարի
ետքը,
1840
յուլիս
10-ին,
Էջմիածնի
մէջ
ստացուեցան
երկու
գիրեր
ուղղուած
կաթողիկոսին
եւ
սինոդին,
զորս
ստորագրած
էին
1839
դեկտեմբեր
14-ին
Գէորգ
Աւետեան
Կալկաթայի
եկեղեցւոյն
եւ
վանքին
գործակալը,
եւ
1840
յունուար
27-ին
Պօղոս
Մելիտոսեան
եւ
Բաղտասար
Աստուածատուրեան
եւ
Յարութիւն
Յովհաննէսեան
Մատրասի
եկեղեցւոյն
երէցփոխանները:
Գիրերը
Պետրբուրգի
անգղիական
դեսպանէն
ռուսական
նախարարութեան,
եւ
անկէ
Կովկասի
կուսակալութեան,
եւ
անկէ
ալ
կաթողիկոսին
յղուած
էին:
Ստորագրողները
յանուն
եւ
ի
դիմաց
հնդկահայ
գաղթականութեան
լուրջ
դիտողութիւններ
կ՚առաջարկէին
1836
մարտ
11-ի
Պօլօժէնիէին
զանազան
յօդուածներուն
վրայ,
որ
ազգասիրական
եւ
եկեղեցասիրական
ոգւով
նկատողութեան
առնուած
էին
այդ
հեռաւոր
եւ
գրեթէ
մոռացուած
հայ
գաղութէն,
մինչ
ոչ
մի
ձայն
լսուած
չէր
Կ.
Պոլսոյ
եւ
Երուսաղէմի
աթոռներէն
կամ
ուրիշ
կողմերէն,
որոնք
հնար
չէր,
որ
չորս
տարիներու
ընթացքին
մէջ
բնաւ
տեղեկութիւն
ստացած
չըլլային
այսպիսի
նշանաւոր
եղելութեան
վրայ:
Չէ՞
որ
Պօլօժէնիէէն
ետքը
եպիսկոպոսական
ձեռնադրութեան
համար
Էջմիածին
գացողներ
ալ
եղած
էին
(§
2537),
Հնդկահայ
փոքարթիւ
գաղութը
որ
այս
գրութիւնը
կը
ղրկէր,
մնացորդ
էր
այն
ստուար
եւ
կարող
գաղութին
որ
ԺԸ.
դարուն
մէջ
Պարսկահայ
գաղութէն
հատուածելով
եկած
էր
Հնդկաստան,
գլխաւորապէս
Պէնկալա
նահանգը
եւ
առեւտրական
յաջողութեամբ
անբաւ
հարստութիւն
ապահոված
էր:
Հնդկաստանի
առեւտուրը
Հայոց
նաւերով
կը
փոխադրուէր
երբ
եւրոպացին
այն
կողմեր
չէր
հասած,
եւ
հնդիկն
ալ
ծովագնացութենէ
կը
խորշէր:
Այդ
միջոցներով
Հայր
քաղաքական
զօրութիւն
ալ
կազմած
էր,
եւ
առեւտրական
ընկերութեան
ձեւին
ներքեւ
իսկապէս
տիրացած
էր
տեղական
իշխանութեան,
երբ
Անգղիացիք
նոր
կը
սկսէին
մուտք
գտնել
Հնդկաստան,
եւ
մասն
առ
մասն
իրենց
տէրութիւնը
ընդարձակել,
միշտ
առեւտրական
ընկերութեան
կերպարանին
ներքեւ:
Երբոր
Քասըմալի
խան,
Ճաֆարայի
խանին
մրցակիցը,
պէտք
զգաց
Անգղիացւոց
դէմ
պատերազմ
մղել,
ոչ
միայն
Հայ
մը
ունէր
արքունական
խորհրդական,
Պետրոս
Յարութիւնեանը,
այլեւ
անոր
եղբայր
Կօրկին
կամ
Գրիգոր
Յարութիւնեանը
իրեն
սպարապետն
էր,
եւ
Յարութիւն
եւ
Մարգար
զօրաբաժիններու
հրամանատարներ
էին,
եւ
Հայոց
գունդ
մը
հնդկական
բանակին
ոյժը
կը
կազմէր
(ՀՆԴ.
65):
Գիտենք
որ
Հայեր
իրենց
դիրքը
պիտի
չկարենային
պահել
Անգղիացւոց
յարաճուն
զօրութեան
եւ
ազդեցութեան
եւ
անսպառ
միջոցներու
դէմ.
բայց
դժբախտաբար
Հայը
ինքն
ալ
իր
անկումը
փութացուց,
մինչեւ
եթէ
փոյթ
կալեալ
էր
յանձին
բերել
զցանկալի
միաբանութիւն
առ
իրեարս,
եւ
իմաստութիւն
եւ
գութ
եւ
սէր
առ
Հնդկիս
իրեն
լաւ
վիճակ
մը
ապահոված
կրնար
ըլլալ
հեռաւոր
Հնդկաստանի
մէջ:
Ասոր
հետ
մէկտեղ
ազգային
աւիւնը
մարեցաւ
Հնդկահայոց
մէջ,
Հնդկահայ
նուիրակութիւններ
միշտ
ամենէն
բեղմնաւորը
ճանչցուած
էին,
եւ
միշտ
մեծ
եկեղեցիներ
եւ
ուխտատեղիներ
հնդկական
նուէրներով
կը
ճոխանային,
մինչեւ
իսկ
Մեծն
Պետրոսի
ալ
միջոցներ
կ՚ընձեռէին,
որպէսզի
հայութիւնը
պաշտպանէ,
եւ
Մեծին
Կատարինէի
միլիոններ
կը
խոստանային
եթէ
հայաբնակ
գաւառներու
անկախութիւնը
պատրաստէ:
Յովսէփ
Ամիրխանեանը
տարեկան
կէս
միլիոն
ռուբլի
եկամուտ
դրամագլուխ
տալ
կ՚առաջարկէր
1829-ին,
եթե
իր
նախնեաց
հայրենիքի
ազատութիւնը
ապահոված
գիտնար
(ԵՐՑ.
Բ.
506-512):
Այդ
զգացմանց
հետեւանքն
էր
որ
Հնդկահայ
գաղութը
կը
յորդորէր
ազգային
եկեղեցւոյ
շահերուն
պաշտպան
կանգնիլ
Պօլօժէնիէի
տրամադրութեանց
հանդէպ,
եւ
որուն
անունով
Հնդկաստանի
երկու
գլխաւոր
Հայ
եկեղեցիներու
գործակալները
վերոյիշեալ
դիտողագիրը
կը
գրէին:
2557.
ՀՆԴԿԱՀԱՅՈՑ
ԴԻՏՈՂԱԳԻՐԸ
Հնդկահայոց
գրուածը,
զոր
բողոքագիրէ
աւելի
(ԵՐՑ.
Բ.
478),
դիտողագիր
կոչել
յարմարագոյն
կը
դատենք,
ընդհանուր
առմամբ
չի
հակառակիր
եկեղեցական
վարչութեան
համար
կանոնադրութիւն
հաստատուելուն,
եւ
նոյնիսկ
վարչական
կազմակերպութեան
ձեւին
համար
ալ
դիտողութիւն
չի
յարուցաներ,
այլ
միայն
քանի
մը
կէտեր
կ՚ուզէ
փոփոխուած
տեսնել,
զորս
հակառակ
կը
դատէ
Հայ
եկեղեցւոյ
հոգւոյն
եւ
շահուն.
զի
թէպէտ
Պօլօժէնիէն
Ռուսաստանի
համար
հրամայուած
կըսուի
սակայն
հետեւանքները
արտաքոյ
ելանէին
այսր
սահմանի,
եւ
անուղղակի
հայէին
գրեթէ
առ
համառօրէն
ազգս
մեր:
Արաջին
դիտողութիւնը
կ՚ընեն
11,
12
եւ
13
յօդուածներուն
առթիւ
(ՊՕԼ.
2-3),
որոնց
զօրութեամբ
աշխարհիս
ամէն
կողմ
գտնուող
հայեր
պիտի
մասնակցին
Կաթողիկոսի
ընտրութեան,
եւ
կը
հետեւցնեն
թէ
ամէն
հայաբնակութիւններ
կարեն
եւ
պարտին
առաքել
նոյնպէս
զպատգամաւորս
ի
դպուածի
անդ
որոշելոյ
զծանր
եւ
ծանր
եւ
զկարեւորագոյն
խնդիրս,
եւ
ո'չ
պարտին
ղրկել
յայսպիսի
արտօնութենէ
եւ
յիրաւանց
ամենայն
վիճակք,
զոր
ունին
եւ
ունէին:
Երկրորդ
դիտողութիւնը
կ՚ընեն
32
եւ
71,
եւ
91
յօդուածներու
մասին,
(ՊՕԼ.
5
13
17),
որոնց
մէջ
ամէն
կուսակրօն
եկեղեցականներու,
կաթողիկոսի,
եւ
եպիսկոպոսի
եւ
վանականի,
թողօնները
կը
յատկացուին
իրենց
մերձաւոր
ժառանգներուն:
Ընդարձակ
կերպով
կը
բացատրեն
թէ
կուսակրօններու
տրուած
նուէրները
եկեղեցւոյ
անունով
կը
տրուին
եւ
ոչ
ազգականնին
հաստացնելու,
եւ
թէ
այդ
նպատակով
զեղծումներ
ալ
կ՚ընդարձակուին,
եւ
թէ
հաւատացեալք
ալ
կը
ստիպուին
նուէրները
դադրեցնելու
(ԵՐՑ.
Բ.
486-495):
Երրորդ
դիտողութիւնը
կ՚ընեն
33
եւ
37
յօդուածներուն
մասին
(ՊՕԼ.
6.
7.
)
որով
չորս
եպիսկոպոսէ
եւ
չորս
վարդապետէ
բաղկացած
սինոդ
մը
իրաւունք
կ՚ունենայ
տալ
վախճանական
վճիռ
ամենայն
գործոց
վերաբերելոց
եկեղեցւոյն:
Անբաւական
կը
գտնեն
ութ
անձէ
բաղկացեալ
ժողով
մը
վախճանական
վճիռ
տալու,
եւ
կը
պահանջեն
որ
առաջին
դիտողութեան
հետեւողութեամբ
ամէն
վիճակներու
պատգամաւորներով
ազգային
ժողովի
վերապահուի,
եւ
կամ
կարեւոր
գործոց
համար
12
եպիսկոպոսէ
եւ
12
վարդապետէ
բաղկացած
սինոդ
մը
կազմուի
(ԵՐՑ.
Բ.
490):
Չորրորդ
դիտողութիւնը
կ՚ընեն
35
յօդուածին
6-րդ
հատուածին
դէմ,
որով
կուսակրօններու
վանականութենէ
եւ
հոգեւորական
աստիճանէ
մերկանալու
իրաւունք
կը
տրուի,
զոր
կը
գտնեն
ներհակ
ընդհանուր
եկեղեցւոյ
եւ
ընդդէմ
սովորութեան
եւ
ծիսի
Հայաստանեայց
եկեղեցւոյ,
եւ
կը
կարծեն
թէ
դուռ
կը
բանայ
շահասիրական
դիտմամբ
եկեղեցականութեան
մտնելու,
եւ
հարստանալով
զայն
մերկանալու
(ԵՐՑ.
Բ.
500),
եւ
89
յօդուածին
հետ
ալ
բաղդատելով,
որով
վանականաց
կ՚արգիլուի
սեփական
ստացուած
ունենալ,
հակասութեան
մէջ
կը
գտնեն
երկու
յօդուածները:
2558.
ԱՅԴ
ՄԱՍԻՆ
ՏԵՍՈՒԹԻՒՆՔ
Հնդկահայոց
դիտողութիւնները
ուշադրութեան
առակայ
եղան
կաթողիկոսի
եւ
սինոդի
եւ
կուսակալութեան
եւ
արտաքին
գործոց
եւ
ներքին
գործոց
նախարարութեանց
ձեռքով
մինչեւ
կայսեր
ներկայացուեցան,
որ
պէտք
տեսաւ
կաթողիկոսի
կարծիքներն
ու
տեսութիւններն
առնել,
միշտ
այն
ուղղութեամբ,
որ
կարելւոյն
չափ
պահպանուած
լինէր
ազգիս
հնաւանդ
կանոններն
ու
ծէսերը
(ԵՐՑ.
Բ.
506):
Բայց
1842
մայիսին
էր
որ
այդ
միտքերը
կը
յայտնուէին,
մինչ
մարտին
վախճանած
էր
կաթողիկոսը.
ուստի
գործը
յետաձգուեցաւ
քննել
երբ
նոր
կաթողիկոսը
նստի,
եւ
գործը
առ
ժամանակ
մի
հետեւանք
չունեցաւ:
Մեր
տեսութեամբ
Հնդկահայոց
խնդիրներուն
գլխաւորը,
որ
է
ընդհանուր
եկեղեցւոյ
պատկանող
վճիռները
ութը
հոգիէ
բաղկացած
ժողովի
մը
ձեռքը
մնալը,
մեծ
ստիպողականութիւն
չի
ներկայեր,
քանի
որ
ոչ
ոք
միտքէն
անցուցած
է
սինոդը
Հայաստանեայց
եկեղեցւոյ
գերագոյն
իշխանութիւն
ճանչնալ,
այլ
միայն
ռուսահայ
վիճակներու
բարձրագոյն
վարչութիւնը:
Պօլօժէնիէն
Հայոց
ընդհանուր
եկեղեցին
իր
ձեռնահասութենէն
դուրս
ճանչնալով,
անոր
չէ
զբաղած
իսկ,
որով
այդ
կէտը
կը
մնայ
եկեղեցւոյն
հնաւանդ
կանոններուն
յանձնուած,
կամ
թէ
հայրապետական
ազատ
իշխանութեան
թողուած:
Արդէն
դարեր
անցան
եւ
Հայ
եկեղեցւոյ
ժողով
չէ
կայացած,
եւ
ոչ
ընդհանուր
եկեղեցւոյ
պատկանող
խնդիր
մը
վճռուած
է:
Միւս
գլխաւոր
կէտը
կուսակրօններու
թողօնն
է,
որ
միշտ
խնդրոյ
նիւթ
եղաւ,
եւ
միայն
Գէորգ
Դ.
ի
կաթողիկոսութեան
ատեն
նպաստաւոր
լուծում
ստացաւ:
Իսկ
վերջին
կէտը
որ
է
կուսակրօններուն
կոչումէ
հրաժարիլը,
անհատական
ազատութեան
խնդիր
մըն
է,
զոր
առաքեալն
ալ
յարգած
է,
որուն
հետեւանքներուն
հնար
է
մտադրութիւն
դարձնել,
այլ
ոչ
երբեք
անհատականութիւնը
բռնազբօսել:
Քանի
որ
եկեղեցական
իշխանութիւն
կրնայ
եկեղեցականէն
կոչումը
վերցնել,
ոչ
մի
պատճառ
կրնայ
արգիլել
կոչումէն
հրաժարելու
սկզբունքը:
Իսկ
գործադրութեան
համար
դժուար
չէ
պայմաններ
եւ
ձեւեր
օրինագրել
որ
անտեղութեանց
առջեւն
առնուի:
2559.
ՀԱՅ
ԴԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Կարբեցիին
կաթողիկոսութեան
իբրեւ
վերջին
կարեւոր
ձեռնարկ
կրնանք
յիշել
1841
յուլիս
31-ին
կայսեր
ուղղած
պաշտօնական
յիշատակագիրը
(ԵՐՑ.
Բ.
541):
Հայոց
եկեղեցւոյ
ուղղադաւանութեան
մասին:
Հին
են
յունադաւան
եւ
հայադաւան
եկեղեցիներու
տարբերութեան
խնդիրը,
ինչպէս
հին
են
Յոյներուն
կողմէ
Հայոց
եկեղեցւոյն
դէմ
ամբաստանութիւնները
եւ
հակառակութիւնները,
զորս
պատմութեանս
կարգին
պէտք
եղած
ատեն
յիշած
եւ
պարզաբանած
ենք:
Բոլոր
խնդիրը
կը
հիմնուի
Քաղկեդոնի
ժողովը
իբր
սուրբ
եւ
տիեզերական
չընդունուելուն
վրայ,
ուսկից
ուզած
են
հետեւցնել
թէ
ուրեմն
Հայոց
եկեղեցին
եւտիքական
է:
Ռուսեր
որ
Յոյներէ
ստացան
իրենց
դաւանութիւնը,
ոչ
միայն
անոնցմէ
փոխանցեցին
այդ
սխալ
կարծիքն
ալ,
այլեւ
անոր
վրայ
աւելցուցին
Արմեան
եւ
Արիան
անուններու
նմանութենէն
Հայերը
արիոսական
ալ
կարծել,
եւ
իբր
խորշելի
հերետիկոսներ
նկատել:
Երբոր
Իսրայէլ
Օրիի
ժամանակներէն
Հայերու
եւ
Ռուսներու
մէջ
յարաբերութիւններ
սկսան,
պաշտպանողի
եւ
պաշտպանեալի
դերեր
ստեղծուեցան,
պետութիւնը
զգաց
Հայերը
չխրտչեցնելու
պէտքը,
եւ
Պետրոս
Մեծն
1719-ին
հրամայեց
որ
ռուս
եկեղեցականներ
սուրբ
խորհուրդներ
մատակարարեն
Հայերուն:
Աննա
Կայսրուհի
1734-ին
Հայերուն
ազատ
դաւանութիւն
եւ
եկեղեցիներ
ունենալու
իրաւունք
շնորհեց.
նոյն
հաստատեց
Եղիսաբէթ
1744-ին
եւ
Մեծն
Կատարինէ
1763-ին,
եւ
1770-ին
Մոսկուայ
եւ
Պետրբուրգի
մէջ
հայ
եկեղեցիներ
կառուցուեցան
(ԵՐՑ.
Բ.
525):
Հակառակ
այդ
հրամաններուն
նախապաշարումը
չջնջուեցաւ,
եւ
մինչեւ
1839-ին
հրատարակուած
ըստ
երեւոյթին
պաշտօնական
գիրքի
մը
մէջ
Հայերը
արիոսական
եւ
հերետիկոս
կը
կոչուէին:
Այդ
հրատարակութիւնը
ցնցեց
Պետրբուրգի
եւ
Մոսկուայի
Հայերը:
Իսկոյն
բողոքագիր
մը
պատրաստեցին
Կաթողիկոսի
բերնէն
եւ
Էջմիածին
յղեցին
որպէսզի
Կաթողիկոսի
ստորագրութեամբ
Կայսեր
մատուցուի,
եւ
վերջ
տրուի
Հայոց
դէմ
յայտնուած
նախապաշարեալ
եւ
սխալ
կարծիքներու,
եւ
այս
է
1841
յուլիս
30-ի
պաշտօնագիրը:
Առաջ
կը
յիշուին
Ռուսաց
կայսրներու
կողմէ
Հայերու
թողուած
կրօնական
ազատութիւնը
մինչեւ
վերջին
1836-ի
Պօլօժէնիէն:
Ապա
կը
պատմուին
Յոյներու
կողմէ
եղած
հակառակութիւնները
եւ
զրպարտութիւնները,
եւ
Ռուսաստանի
մէջ
աւելցուած
արիոսականութեան
ամբաստանութիւնը,
որոնց
հակառակ
կը
յիշուին
Հայերու
երեք
առաջին
ժողովներուն
մասնակցութիւնը,
Քաղկեդոնի
ժողովին
չմասնակցելնուն
պատճառ
կը
ցուցուի
Պարսից
հալածանքը,
իսկ
չընդունելնուն
պատճառ
կը
տրուի
Քաղկեդոնի
կանոններուն
սխալ
թարգմանուած
ըլլալը.
բայց
որովհետեւ
հինգերորդ
եւ
վեցերորդ
եւ
եօթերորդ
ժողովները
ընդունեցին,
դորանով
բնականապէս
ընդունած
կը
սեպուին
եւ
Քաղկեդոնի
ժողովը:
Մանաւանդ
խոստովանում
են
Յիսուս
Քրիստոսի
մէջ
երկու
բնութիւն
առանց
խառնման,
եւ
կը
նզովեն
Արիոսը,
Մակեդոնը,
Նեստորը,
Եւտիքէսը,
Սեւերոսը,
Մօնօֆիզիթները,
եւ
բոլոր
հերետիկոսները,
որոց
դատապարտած
է
Յունաց
եկեղեցին
(ԵՐՑ.
Բ.
539):
Կաթողիկոսը
ի
վերջոյ
կը
խնդրէ
որ
արգիլուին
Հայոց
եկեղեցւոյ
եւ
անոր
դաւանութեան
դէմ
հրատարակութիւնները
(ԵՐՑ.
Բ.
540):
Կաթողիկոսին
այդ
պաշտօնագիրին
մասին
պէտք
է
աւելցնենք,
որ
գրուածը
Պետրբուրգի
մէջ
ալ
աշխարհականներէ
կազմուած
ըլլալով,
զարմանալի
պիտի
չերեւի
ինչ
ինչ
անճշտութիւններ
սպրդած
ըլլալը,
բայց
Կաթողիկոսի
եւ
սինոդին
ներելի
չէր
այնպիսի
գիր
մը
տալ,
որով
Հայերուն
կը
վերագրուի
Քաղկեդոնը
եւ
անոր
յաջորդած
երեք
ժողովները
ընդունած
ըլլալը,
թէպէտ
ստոյգ
է
Եւտիքսէի
դէմ
Հայոց
եկեղեցւոյն
մէջ
արձակուած
նզովքը,
անդստին
Բաբգէն
Կաթողիկոսին
օրէն
(§
343):
2560.
ՊԵՏԱԿԱՆ
ՈՐՈՇՈՒՄԸ
Բայց
առ
այժմ
զանց
ընելով
այդ
կէտին
վրայ
ծանրանալ,
բաւական
ըլլայ
յիշել
թէ
դրութիւնը
Նիկողայոս
կայսեր
ուշադրութեան
առարկայ
եղաւ,
եւ
կարծիք
յայտնելու
համար
ռուս
եկեղեցւոյ
մեծ
սինոդին
յանձնուեցաւ:
Սինոդը
ըստ
ամենայնի
գնահատելով
հայրապետական
յայտարարութիւնը,
եւ
տեսնելով
որ
Հայ
եկեղեցւոյ
դաւանութիւնը
համաձայն
է
որթոտոքս
եկեղեցւոյ
դաւանութեան,
հրաման
ըրաւ
գրաքննութեան
որ
Հայոց
եկեղեցւոյն
դէմ
գրութիւններու
հրատարակութիւնը
չարտօնուի,
եւ
խնդրոյ
նիւթ
եղօղ
գիրքն
երկրորդ
տպագրութեան
ատեն,
դիտողութեան
տեղի
տուող
հատուածները
վերցուցին,
միանգամայն
ցանկութիւն
յայտնեց
ստանալ
կարելւոյն
չափ
լիակատար
մեկնութիւն
լուսաւորչական
դաւանութեան:
Կայսրը
հաստատեց
մեծ
սինոդին
տեսութիւնն
ու
որոշումը,
եւ
ներքին
գործոց
նախարարութիւնը
1841
դեկտեմբեր
12-ի
պաշտօնագիրով
Կովկասի
կուսակալին
հաղորդեց
ի
նպաստ
Հայ
եկեղեցւոյն
տրուած
հրամանը,
եւ
միանգամայն
առաջարկեց
լիակատար
տեղեկութիւն
ուզել
կաթողիկոսէն:
Գօլօվինի
կուսակալը
1742
յունուար
14-ին
գրեց
կաթողիկոսին,
բայց
նա
արդէն
ծանր
հիւանդութեամբ
անկողին
ինկած
էր,
եւ
մարտ
26-ին
վախճանեցաւ,
եւ
այդ
մասին
բան
մը
չեղաւ:
Գործին
ստիպողականութիւն
տալու
համար
սինոդին
քանիցս
դիմում
եղաւ
կուսակալութեան
կողմէն,
բայց
սինոդը
միշտ
հեռու
մնաց
որեւէ
գրութիւն
ներկայելէ,
իւրեան
անձեռնհաս
համարելով,
եւ
գործը
յաջորդ
կաթողիկոսին
թողլով:
Էջմիածնի
պրոկուրոր
Ղորղանեանցը
ոմանց
յորդորելով
ինքն
ձեռնարկեց
գրութիւն
մը
պատրաստել,
որուն
մէջ
յայտնապէս
գրեց,
թէ
Հայոց
եկեղեցւոյ
դաւանութիւնը
յամենայնի
համաձայն
է
Ռուսաց
դաւանութեան
հետ,
եւ
այդ
երկու
եկեղեցեաց
մէջ
կրօնական
ոչ
ինչ
խտրութիւն
չկայ.
բայց
աշխարհական
անձի
մը
տուած
գիրը
ոյժ
չէր
կրնար
ունենալ
ոչ
պետութեան
եւ
ոչ
մեծ
սինոդի
առաջ,
եւ
նշանակութիւն
ալ
չունեցաւ
եւ
նկատառութեան
չարժանացաւ,
եւ
գործը
մնաց
յաջորդ
կաթողիկոսին
(ԵՐՑ.
Բ.
543):
Ամէն
առթի
մէջ
տրուած
որոշումն
ալ
բաւական
էր
Հայոց
մասին
տարածուած
նախապաշարումը
հետզհետէ
անհետացնելու:
2561.
ԿԱՐԲԵՑԻԻ
ՄԱՀԸ
Յովհաննէս
Կարբեցի
կաթողիկոսը
1762-ին
ծնած,
արդէն
իր
կենաց
80-րդ
տարին
թեւակոխած
էր,
երբ
1841
նոյեմբերին
անկողին
ինկաւ
քարի
հիւանդութիւնից,
եւ
չորս
հինգ
ամիս
ցաւերով
տանջուեցաւ:
Այդ
միջոցին
էր
որ
կը
ստանար
Հայոց
եկեղեցւոյ
դաւանութեան
մասին
բացատրութիւններ
տալու
հրաւէրը,
ինչպէս
վերեւ
յիշեցինք
(§
2560),
եւ
յայտնի
էր
որ
անով
զբաղելու
ժամանակ
չունէր,
բայց
ուշքը
վրան
էր,
եւ
իր
անձնական
գործերուն
մտադրութեամբ
կը
հետեւէր,
նպատակ
ունենալով
իր
գոյքերով
եւ
ստացուածով
իրենները
բախտաւորել,
օգտուելով
Պօլօժէնիէի
32
յօդուածէն
(ՊՕԼ.
5):
Ըստ
այսմ,
մասամբ
ինքնին
գործադրելով
եւ
մասամբ
կտակային
կարգադրութեամբ
բոլոր
իր
ունեցածները
թողուց
իր
Թէվումեան
եղբօրորդիներուն
եւ
քանի
մը
ուրիշ
ազգականներուն
եւ
իր
հաւատարիմ
Վեհապետեան
Գէորգ
արքեպիսկոպոսին,
որ
է
նոյն
ինքն,
Աշտարակեցի
Գէորգ
սարկաւագը,
որ
յատուկ
գանգատի
նիւթ
եղած
էր
իր
տարօրինակ
յարաբերութիւններով
(§
2509
եւ
2512):
Իսկ
յօգուտ
աթոռին
բան
մը
կտակած
ըլլալը
յիշուած
չէ:
Անցողակի
կերպով
յիշենք
թէ
Կարբեցիին
գործերուն
հետեւողներ
կը
դիտեն,
թէ
անոր
թողօն
վայելողներէն
գրեթէ
եւ
ոչ
մէկը
կարողացաւ
արժանապէս
վայելել
ստացած
հարստութիւնը,
եւ
թէ
լիապէս
արդարացաւ
ժողովրդական
առածը
թէ
եկեղեցականի
եւ
կրօնաւորի
փողերը
ոչ
ոքի
խէր
չեն
անիլ:
Կարբեցիին
չորս
հինգ
ամիս
այդ
հոգերով
եւ
հիւանդութեան
ցաւերով
տառապելէն
ետքը,
հոգին
աւանդեց
1842
մարտ
26-ին,
մեծպահոց
չորրորդ
հինգշաբթի
երեկոյին,
կէսօրէն
եօթը
ժամ
ետքը,
ու
ուրբաթն
ու
շաբաթը
պատրաստութիւններով
անցնելէն
ետքը,
մարտ
29-ին,
մեծպահոց
հինգերորդ
կիրակիին
փառաւոր
յուղարկաւորութիւն
կատարուեցաւ,
եւ
մարմինը
ամփոփուեցաւ
Մայրտաճարին
դրան
առաջ
եւ
զանգականտան
հիւսիսակողմը
(ԵՐՑ.
Բ.
547):
2562.
ԱՆՁՆ
ՈՒ
ԳՈՐԾԸ
Անաչառ
կերպով
քննեցինք
եւ
քննադատեցինք
Կարբեցին
պատմութեանս
մէջ,
այնպէս
որ
հարկ
չի
մնար
երկար
տեսութեանց
մտնել
իր
վախճանէն
ետքը:
Իր
շահասէր
եւ
շահագէտ
ուղղութիւնը
մինչեւ
իսկ
պետական
շրջանակներու
ծանօթ
էր,
բայց
այսու
հանդերձ
կը
պաշտպանուէր,
զի
հլու
հնազանդ
գործիք
էր
կառավարութեան
ձեռքը:
Իրմէ
օգտուողներէն
ոմանք
կը
փափաքին
զայն
շինարար
եւ
մեծագործ
ներկայել,
բայց
մենք
սովորական
ընթացքէ
աւելի
բան
մը
չենք
գտներ:
Կը
յիշուի
թէ
աթոռին
պարտքը
սրբեց,
բայց
մենք
տեսանք
արդէն
թէ
պարտքին
կրկնապատիկէն
աւելի
գանձեց
այդ
պատրուակով
(§
2505):
Կ՚ըսուի
եւս
թէ
ետ
զգումար
ինչ
յաճումն
լումայաշահութեան
յանուն
աթոռոյն,
առանց
յիշելու
գումարին
քանակը,
որ
կ՚երեւի
թէ
յիշատակելի
բան
մը
եղած
չէ:
Կը
յիշատակեն
եւս
Քանքան
կոչուած
աղբիւրին
նորոգութիւնը,
Ղազարապատի
վրայ
երեք
սենեակներու
յաւելումը,
եւ
գրադարանի
ընդարձակուիլը.
սակայն
առաջինը
Ալեքսանդրապոլցի
Յակոբ
Մատակեանի,
երկրորդը
Եգիպտացի
նախարար
Եուսուֆեան
Պօղոսի
եւ
եղբօրը
Պետրոսի
նախաձեռնութեամբ
եւ
արդեամբ
կատարուած
են,
եւ
երրորդը
պարզապէս
պատրաստ
սենեակներու
յարակցութիւնն
էր,
եւ
դիրքերու
կարգադրութիւնն
ալ
ծերակուտական
Գանի
ստիպմամբ
էր
եղած:
Աշտարակի
պատերազմին
յուշարձանը
Եփրեմի
սկսած
եւ
հետեւած
գործն
էր,
իսկ
տպարանի,
վարժարանի,
սենեակներու
եւ
վեհարանի
վրայ
կատարուած
նորոգութիւններ,
հիմնական
եւ
ծանրակշիռ
բաներ
չեն
եղած,
եւ
պետական
եւ
կայսերական
այցելութիւններու
հոգերը
բռնադատուած
գործեր
են
գոնէ
երեւոյթները
փրկելու:
Ըստ
այսմ`
նշանակելի
արդիւնք
մը
չենք
գտներ
ներբողաբաններուն
յառաջ
բերածներուն
մէջ,
եւ
միակ
յիշատակը
որ
Յովհաննէսէ
կը
մնար
սինոդի
պաշտօնատունն
էր,
այն
ալ
իբր
70
տարի
ծառայելէն
ետքը
այսօր
քանդուած
է
(ԵՐՑ.
Բ.
544-546):
Իր
վաչական
ընթացքն
ալ
օրինակելի
հետք
մը
թողած
չէ,
զի
ամէն
միջոցներու
զիջող
է
եղած
իրեն
փառասիրական
ձգտումներուն
հասնելու
համար.
փոքրոգի
իր
կարգադրութեանց
մէջ,
միաբանութիւնը
շահելու
ապիկար,
շողոքորթներու
չափազանց
համակերպող,
քննադատներու
դէմ
անհաշտ,
մէկ
խօսքով
եւ
պատկառելի
դէմք
չկրցաւ
ըլլալ
վեհափառ
աթոռի
վրայ,
եւ
համակրելի
չդարձաւ
ամէն
դիւրութիւններ
տրամադրելի
ունենալով
ան,
մանաւանդ
Տաճկահայոց
մէջ
բնաւ
յարգ
ու
վարկ
չվայելեց
եւ
համբաւ
չունեցաւ,
եւ
միշտ
իբր
աթոռի
յափշտակող
մը
ճանչցուեցաւ,
Եփրեմը
տապալելով
եւ
Ներսէսը
հալածելով,
եւ
այս
եղաւ
բուն
պատճառը
որ
իր
անունը
չյիշատակուեցաւ
երբեք
Տաճկահայոց
եկեղեցիներու
մէջ:
Իր
անունը
կապուեցաւ
միայն
Պօլօժէնիէի
հրատարակութեան
հետ,
որ
իսկապէս
կանոնաւոր
վարչութեան
մը
հիմնակէտը
եղաւ,
ինչ
ալ
ըլլան
անոր
մասին
եղած
դիտողութիւնները:
Բայց
այդ
մասին
ալ,
եթէ
Կարբեցին
փոխանակ
բարեմարդիկ
երեւնալու
փութաջանութեան,
իր
աստիճանին
եւ
պաշտօնին
խորին
գիտակցութեամբ
պատշաճ
արթնութիւնն
եւ
օրինաւոր
միջամտութիւնը
կատարած
ըլլար,
անշուշտ
պիտի
կարենար
օգտուիլ
Նիկողայոս
կայսեր
եւ
ռուսական
կայսրութեան
Հայոց
եկեղեցւոյ
կանոններուն
եւ
ծէսերուն
հանդէպ
տածած
համակրութենէն,
եւ
խափանել
ինչ
ինչ
կէտեր,
որ
Պօլօժէնիէի
առաջի
օրերէն
սկսելով
դիտողութեանց
առիթ
ընծայեցին:
2563.
ՄԻՒՍ
ԱԹՈՌՆԵՐ
Ազգային
կեանքը
երեք
կեդրոներու
շրջանակին
մէջ
ամփոփուած
կը
տեսնենք
սովորաբար,
որոնք
են
Էջմիածին
կամ
Ռուսահայք,
Կ.
Պոլիս
կամ
Տաճկահայք,
եւ
Երուսաղէմ
կամ
Ս.
Տեղիք
եւ
գլխաւորաբար
անոնց
շուրջն
է
որ
մեր
պատմութիւնն
ալ
կը
զբաղի:
Բայց
հայ
տարրը
ասոնցմէ
զատ
ունի
ուրիշ
բաժիններ
ալ,
որ
եթէ
առաջին
երեքներուն
կարեւորութիւնը
չեն
ներկայեր,
բայց
միշտ
արժանի
են
մտադրութեան,
որպէսզի
ամբողջանայ
ազգին
անցքերու
պարունակը,
եւ
այն
մասերն
ալ
բոլորովին
ուշադրութենէ
չվրիպեն:
Ասոնցմէ
ոմանք
երբեմն
պատահաբար
կու
գան
խառնուիլ
գլխաւոր
շրջանակներուն
հետ,
բայց
երբ
այդ
պատահականութիւնները
կը
պակսին,
հարկ
կը
տեսնենք
գլխաւորները
բացատրելէն
ետքը,
ժամանակակից
միջոցին
սահմանին
մէջ
միւսներն
ալ
քաղելով
ամբողջութիւնը
լրացնելու
աշխատիլ:
Այս
նպատակով
Կարբեցիի
Կաթողիկոսութեան
միջոցին
երեք
գլխաւոր
շրջանակներէ
դուրս
Հայութեան
պատկանող
եղելութիւններուն
կ՚անցնինք,
բայց
դժբախտաբար
այնչափ
նուազ
են
մեր
տրամադրութեան
ներքեւ
գտնուող
աղբիւրները,
որ
ստիպուած
ենք
քանի
մը
անուններու
յիշատակութեամբ
շատանալ:
Կիլիկիոյ
կաթողիկոսական
աթոռը
1825-ին
յաջորդած
էր
Եփրեմ
Բ.
տակաւին
նորահաս
երիտասարդ
(§
2475),
որ
1833-ին
կը
հրաժարի,
անշուշտ
բռնաւոր
պետերու
վախէն
ստիպուած,
թէպէտ
բուն
պատճառը
եւ
պարագաները
մեզի
անյայտ
կը
մնան:
Իրեն
կը
յաջորդէ
Յովհաննէս
Աջապահեանց
ութերորդը,
որ
տակաւին
աթոռի
վրայ
կը
մնար
Կարբեցիի
մահուան
տարին,
եւ
մինչեւ
1846
ալ
շարունակեց
(ԶԱՄ.
Բ.
66),
բայց
իր
գործունէութեան
մասին
բան
մը
պիտի
չկարենանք
աւելցնել:
Աղթամարայ
աթոռին
վրայ
կը
մնար
Յովհաննէս
Շատախցին,
եւ
շարունակեց
մինչեւ
Կարբեցիի
մահուան
յաջորդ
տարին,
ուստի
փոփոխութիւն
չունինք
նշանակել,
եւ
ոչ
ալ
գործունէութեան
մասին
տեղեկութիւն
տալ,
ինչպէս
կանուխ
ալ
ակնարկեցինք
(§
2475):
Արմաշու
վանքին
պատկանող
տեղեկութիւնները
տուած
կը
գտնուինք
Ստեփանոս
Աղաւնիի
պատրիարքութեան
ընտրուելուն
(§
2440),
եւ
դարձեալ
վերստին
աթոռ
դառնալուն
առթիւ
1840
սեպտեմբեր
15-ին
(§
2546),
ուստի
տարի
մը
ետքը
1841
սեպտեմբեր
17-ին
կրկին
հրաժարելով
Արմաշ
դարձաւ
(§
2547):
Այս
անգամ
նոր
զարկ
տուաւ
Աղաւնին
Արմաշու
վանական
վարժարանին,
եւ
ժիր
գործունէութեան
վրայ
կը
գտնուէր
Կարբեցիի
մահուան
տարին:
Պատրիաքութենէ
ելնելէն
ետքը
12
տարի
եւս
ապրեցաւ
Աղաւնին
մինչեւ
1853
ապրիլ
6,
բայց
1848-է
ետքը,
արդէն
70
տարեկան
եղած
տկարութեան
պատճառով
գործունէութենէ
քաշուեցաւ,
բայց
իրեն
արժանաւոր
օգնական
ունեցաւ
իր
անուանակիցը
Ստեփանոս
Մաղաքեան
վարդապետը
(00
ՕՐԱ.
178):
2564.
ԿԱԹՈԼԻԿ
ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ
Կաթոլիկ
հասարակութեան
սկզբնաւորութիւնը
պատմած
ատեննիս,
ցուցուցինք
անոնց
երկու
պետերով
կառավարուիլը,
եւ
այս
պատճառով
տեղի
ունեցած
ձգտումները,
եւ
իրողութիւնները
հասուցինք
մինչեւ
1838
յունուար
20,
Անտոն
Նուրիճան
արքեպիսկոպոսին
կամ
կրօնական
պետին
մահը,
երբ
քաղաքական
ազգապետութիւն
կը
վարէր
Կարապետ
Եսայեան
վարդապետը
Վենետիկի
Մխիթարեաններէն
(§
2437):
Նոր
հոգեւոր
պետին
կամ
ինչպէս
կը
կոչուէր
նախագահ
արքեպիսկոպոսին
ընտրութեան
համար
ժողովը
գումարուեցաւ
փետրուար
2-ին,
նախորդին
մահէն
13
օր
ետքը,
որուն
մէջ
եկեղեցական
ըլլալով
գտնուեցան
միայն
ազգապետ
եւ
փոխանորդ
վարդապետները,
իսկ
մնացեալներ
գլխաւոր
աշխարհականներէն
էին
50
հոգի
(ՀԱՍ.
41):
Ընտրելի
անձին
մասին
միեւնոյն
կուսակցական
պայքարը
սկսաւ
մղուիլ,
Աբբայեանց
կամ
Քօլէճեանց
նպաստաւոր
անձ
մը
առջեւ
քշելու
համար,
բայց
վերջապէս
խաղաղութեան
եւ
սիրոյ
եւ
եկեղեցւոյ
օգտին
հետեւելու
գաղափարը
զօրացաւ,
Աբբայեանք
վախցան
ներքին
պառակտումներու
առիթ
ընծայել,
երկու
կողմեր
իրարու
մօտեցան
եւ
միաբերան
ընտրեցին
Պօղոս
Մարուշ
վարդապետը
(ՀԱՍ.
40),
նոյն
այն
որ
Նուրիճանի
մրցակից
եղած
էր
փոխանորդութեան
առաջարկին
(§
2429),
եւ
առաջին
ընտրութեան
ժամանակ
(§
2434)
ընտրողական
գիրն
ալ
պատրաստուեցաւ
եւ
ստորագրուեցաւ
Հռոմայ
պապին
յղուելու
համար:
Համաձայնութիւնը
կազմելու
նպաստեց
նաեւ
Մարուշի
անձը,
որ
արդէն
տարիքն
առած
եւ
շահեցողական
ընթացքի
միտած
էր,
եւ
ապագային
մեծ
խնդիրներու
տեղի
չտալու
երաշխաւորութիւն
կ՚ընծայէր:
Բայց
աստի
հրապարակի
վրայ
նոր
Քօլէճեան
ոյժ
մըն
ալ
երեւան
եկած
էր,
մտադրութիւնը
յառաջ
տանելու
կարող
եւ
ընդդիմադիրներէ
նկատի
առնուելու
եւ
զինքն
անոնց
սեպել
տալու
բաւական:
Ընտրողական
գիրը
հասաւ
Գրիգոր
ԺԶ.
պապին
որ
1838
փետրուար
2-ին
յաջորդած
էր
Պիոս
Ը.
ին,
եւ
ինքն
Վենետիկէ
ըլլալուն,
լաւ
յարաբերութիւն
եւ
բարեկամութիւն
ունէր
Մխիթարեանց
եւ
ընդհանրապէս
հայ
կաթոլիկներու
հանդէպ:
Ըստ
այսմ
թէպէտ
դիտողութիւն
ըրաւ,
որ
Կ.
Պոլսոյ
հայ
կաթոլիկ
հասարակութիւնը
փոխանակ
երեք
ընտրելի
ներկայելու
միակ
ընտրեալ
մը
առաջարկած
էր,
բայց
գործին
ընթացքը
չխափանեց,
Մարուշը
հաստատեց
եւ
եպիսկոպոսական
ձեռնադրութիւն
ալ
տալով
յղեց
Կ.
Պոլիս
պաշտօնին
գլուխն
անցնելու:
2565.
ԱՆՏՈՆ
ՀԱՍՈՒՆ
Վերեւ
նոր
ոյժ
մը
ակնարկեցինք
որ
ասպարէզ
ելած
էր
Քօլէճեան
կուսակցութիւնը
զօրացնելու:
Սա
էր
Անտոն
Հասուն
վարդապետը,
հայկաթոլիկ
հասարակութեան
անցուդարձուն
մէջ
հռչակաւոր
դարձած
անուն
մը:
Հասուն
Անտոն
որդի
էր
Եաղուպ
Հասսօ
Բերիացի
ասորւոյն,
որ
Կ.
Պոլիս
փոխադրուելով
եւ
հայ
կաթոլիկի
հետ
ամուսնանալով
ինքն
ալ
հայ
կաթոլիկ
հասարակութեան
մէջ
մտաւ,
եւ
սկսաւ
Յակոբ
Հասուն
կոչուիլ:
Անտոն
իր
երկրորդ
զաւակը
ծնաւ
1809-ին,
որ
1825-ին
Հռոմ
գնաց
Փրօփականտայի
դպրոցին
աշակերտելու,
բայց
չընդունուելով
ապաստանեցաւ
Անտոնեանց
Հռոմի
վանքը,
եւ
Տուրսունեան
Բարսեղ
եւ
Յովնանեան
Կարապետ
վարդպետներու
խնամքով
պահ
մը
վանքին
մէջ
հոգացուեցաւ,
յետոյ
Վատիկանեան
դպրոցը
դրուեցաւ,
եւ
1830-ին
Փրօփականտայի
դպրանոցը
ընդունուեցաւ,
ուր
1833-ին
ձեռնադրուեցաւ
եւ
Կ.
Պոլիս
դարձաւ:
Շնորհիւ
իր
ուշիմութեան
եւ
յաջողակութեան,
մեքենայութեանց
եւ
հնարագիտութեանց
արդէն
Հռոմի
պաշտօնեաներու
հետ
սերտ
յարաբերութիւններ
ունէր,
եւ
Կ.
Պոլսոյ
մէջ
ալ
գրաւիչ
կերպերով
իրեն
շրջանակ
մը
կազմեց,
եւ
եղաւ
եղելութիւնները
Հռոմ
հաղորդող,
եղանակներ
առաջարկող,
խնդիրներ
յուզող,
հաւասարապէս
ընդունելի
թէ
Հռոմի
առջեւ
եւ
թէ
Քօլէճեան
կուսակցութեան
մէջ,
եւ
զգուշութեանց
պարտաւորող
ընդդիմակաց
կողմը:
Այս
միջոցներով
ոչ
միայն
կարողացաւ
եպիսկոպոսարանի
գործերուն
մէջ
ընդարձակ
դեր
ունենալ,
այլեւ
Նուրիճանի
պէտք
եղաւ
Փրոփականտայէն
եկած
հրամանին
համեմատ
Հասունեանի
ձեռքն
յանձնել
նախագահական
եպիսկոպոսարանի
իշխանութիւնը,
եւ
մինչեւ
իսկ
Հռոմի
յատուկ
հրամանով
եպիսկոպոսարանին
փոխանորդութեան
կամ
աթոռակալութեան
կոչել
զայն,
որով
Հասուն
Նուրիճանի
մահով
տեղապահութեան
ալ
ձեռնարկեց:
Այս
ազդեցութեանց
ներքեւ
յաջողած
էր
Մարուշի
ընտրութիւնը
(§
2564),
եւ
Մարուշ
ալ
Հռոմէ
հասնելուն
ուրիշ
կերպ
չկրցաւ
ընել,
բայց
եթէ
Հասունը
իր
փոխանորդութեան
պաշտօնին
վրայ
հաստատել
(ՀԱՍ.
43),
ինչ
որ
ըսել
էր
ինքզինքը
անոր
յանձնել,
նկատելով
մանաւանդ
իր
յառաջացած
եւ
տկարացած
տարիքը:
Հասուն
իրեն
շուրջը
համամիտներու
զօրաւոր
խումբ
մը
կազմած
էր
Քօլէճեան
կղերէն,
որուն
մէջ
յանուանէ
կը
յիշուին
Տիմոթէոս
Աստարճեան,
Անտոն
Շիշմանեան,
Յովսէփ
Ասլանկիւլեան,
Յովսէփ
Օթճուեան,
Անտոն
Հալաճեան,
Գրիգոր
Տէվրիշեան
վարդապետները,
որոնք
ի
դէպս
եւ
յանդէպս
իրենց
ուղղութեան
համաձայն
խորհուրդներ
եւ
թելադրութիւններ
կու
տային
Մարուշի,
որ
որչափ
ալ
զգուշաւոր
սակայն
չէր
կրնար
զինքն
անոնց
ազդեցութենէն
զերծ
պահել:
Աննշանակ
պարագայ
մը
զայրացուց
կացութիւնը:
Հայ
կաթոլիկ
եկեղեցականներ
Հայ
եկեղեցւոյ
վեղարէն
զատուելու
համար
քառակուսի
գագաթով
եւ
մետաքս
կերպասով
ծածկուած
վեղարանման
գլխանոց
մը
կազմեցին
իրենց
համար,
զոր
խաչգտակ
անուանեցին:
Միայն
աւագ
պաշտօնեաներ
կամ
ծայրագնութեան
պատիւ
ունեցողներ
արտօնեալ
էին
փոխանակ
մետաքս
կերպասի
մետաքս
շղարշով
ծածկել
իրենց
խաչգտակը:
Մարուշ
այդ
առանձնաշնորհութիւնը
պարգեւեց
նաեւ
երկու
վարդապետներու,
Գէորգ
Հիւրմիւզեանի
Վենետկոյ
Մխիթարեաններէն
եւ
Կարապետ
Յովնանեանի
Անտօնեան
միաբանութենէն,
որոնք
Քօլէճեան
կուսակցութենէ
չէին,
մինչ
վերոյիշեալ
խմբակին
պատկանողներ
այդ
առանձնաշնորհութիւնը
չէին
վայելեր:
Ասօնք
նախ
Մարուշը
նեղեցին,
ապա
իւրովի
իրենց
խաչգտակին
քողը
փոխեցին,
զի
Հասուն
ձեռքի
տակէն
զիրենք
կը
քաջալերէր,
եւ
Մարուշին
կ՚արգիլէր
խստութիւն
գործածել:
Շուտով
ուրիշներ
ալ
հետեւեցան
օրինակին
եւ
մետաքս
կերպասէ
քօղը
խափանուեցաւ
իսպառ
(ՀԱՍ.
45):
Հասուն
շարունակ
հետամուտ
ամէն
իշխանութիւն
իրեն
եւ
իրեններու
ձեռքն
ամփոփել,
նոյն
նպատակին
ծառայեց
1838-ին
վերջերը
իբր
այցելու
Անկիւրիա
հասնելով,
քանի
մը
Քօլէճեան
վարդապետներ
պաշտպանելու,
որոնց
զեղծումները
եւ
կեղեքումները
մինչեւ
իսկ
Անկիւրիոյ
մոլեռանդ
կաթոլիկները
լեզու
հանած
էին
(ՀԱՍ.
47):
Մարուշ
արդէն
ծերացած
էր
եւ
վախճանը
մօտեցած
կ՚երեւար.
Հասուն
յաջորդութիւնը
ձեռք
ձգելու
համար
օգնական
եւ
եպիսկոպոս
փոխանորդի
մը
դրութիւնը
մէջտեղ
նետեց,
եւ
ընտրութիւնը
առանց
ազգային
ձեւի
շիտկէ
շիտակ
Հռոմէ
իր
վրայ
հրաւիրելու
համար,
մտածեց
անձամբ
հոն
երթալ
եւ
հոն
ամէն
բան
լրացնել:
Առաջին
անգամ
ճամբայ
ելնելուն
կառքէն
կ՚իյնայ,
երեք
օր
կիսամահ
ինքզինքը
չի
ճանչնար,
չորս
կողմերը
կը
ջախջախուին,
եւ
կը
ստիպուի
Կ.
Պոլիս
դառնալ,
ուր
դարմանուելէ
ետքը
նորէն
կը
պատրասուի
մեկնիլ:
Բայց
այս
անգամ
ալ
սանդուխէ
կը
գլորի
գլխիվայր,
եւ
նորէն
ամիսներով
դարմանի
կ՚ենթարկուի.
բայց
վերջապէս
երրորդ
փորձին
կը
յաջողի
եւ
Հռոմ
կը
հասնի
1842
տարւոյ
սկիզբները:
Հոն
ամէն
միջոց
կ՚առնէ,
յունիս
7-ին,
կը
ձեռնադրուի
եւ
սեպտեմբեր
21-ին
Կ.
Պոլիս
կը
հասնի,
եւ
կացութեան
բացարձակ
տէր
կը
դառնայ,
զի
ազգապետ
Եսայեանն
ալ
ծերացած
եւ
տկարացած
էր
(ՀԱՍ.
54),
իսկ
ինքն
33
տարեկան
առոյգ
հասակի
մէջ
էր:
Ուրիշ
գաղտնի
պարագայ
մըն
ալ
կար
գործին
մէջ,
որ
անագան
յայտնուեցաւ:
Հռոմ
սովորութիւն
ունի
ծեր
թեմակալներուն
օգնականները,
ապագայ
յաջողութեան
պայմանով
նշանակել.
Հասուն
այս
տեսակ
կոնդակ
մըն
ալ
ձեռք
ձգած
էր,
որ
սակայն
այն
ատեն
ամենէն
գաղտնի
մնաց:
Այդ
էր
կաթոլիկ
հասարակութեան
կացութիւնը
Կարբեցիի
մահուան
թուականին,
յաջորդ
եղելութիւնները
կը
թողունք
առաջիկային:
2566.
ԿԱԹՈԼԻԿ
ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՔ
Կաթոլիկ
համայնքին
կարեւոր
տարրերը
կը
կազմեն
միաբանութիւնները,
որոնց
նախընթացները
արդէն
պատմած
ենք:
Անտոնեանք
վաղուց
ձեռնարկած
էին
Լիբանանի
առանձնութենէն
ելնելով
եւրոպական
քաղաքի
մը
մէջ
ուսումնարան
ունենալ,
եւ
արդէն
պատմած
ենք
Հռոմի
մէջ
վանք
հաստատելնին
(§
2065)
եւ
ուսանողութիւն
կազմելու
ձեռնարկնին,
որ
Իտալիոյ
քաղաքական
փոփոխութեանց
հետեւանօք
խափանուեցաւ
(§
2183):
Բայց
յղացուած
միտքը
մնաց
հաստատուն
եւ
ճիգեր
չդադրեցան,
մինչեւ
որ
1830-ին
Լիբանանի
վանքէն
երիտասարդ
կրօնաւորներ
Հռոմ
յղուեցան
ուսումնական
ընթացք
լրացնելու:
Իսկ
1834-ին
սկսան
նոր
աշակերտները
ուղղակի
Հռոմի
վանքը
ընդունուիլ,
եւ
նախակրթական
ուսումն
ալ
այնտեղ
ստանալ:
Այդ
գործին
մէջ
արդիւնաւոր
եղան
Բարսեղ
Տուրսունեան
վարդապետը
նիւթական
պէտքերը
հոգալով,
եւ
Միքայէլ
Միասէրեան
վարդապետ
ուսումնական
ընթացքը
կարգաւորելով,
եւ
Տիմոթէոս
Թելլալեան
աբբահայրը
վերին
իշխանութեամբ:
Լիբանանէ
փոխադրուած
երիտասարդ
ուսանողներէն
նշանաւոր
հանդիսացան
Եղիա
Նահապետեան
եւ
Արսէն
Անճարակեան,
իսկ
ուղղակի
յիշատակութեան
արժանի
են
Անտոն
Զոհրապեան,
Սուքիաս
Գազանճեան,
Էմմանուէլ
Շահինեան,
Կղեմէս
Միքայէլեան
եւ
Ռափայէլ
Միասէրեան:
Արդեն
ըսած
ենք
որ
Անտոնեաց
աբբահայրները
եռամեայ
պաշտօնավարութեամբ
կը
փոփոխուէին.
բայց
այդ
միջոցին
նշանաւոր
եղաւ
Տիմոթէոս
Թելլալեան
վարդապետը,
որ
ութը
անգամ
պաշտօնին
վրայ
հաստատուեցաւ,
եւ
միաբանութեան
ուսումնական
զարգացման
մղում
տուողն
եղաւ,
թէպէտ
ինքն
միշտ
Լիբանան
կը
գտնուէր
Պէյթխազպոյի
Ս.
Անտոն
վանքը,
որ
միշտ
միաբանութեան
կեդրոնը
մնաց:
Անտոնեան
միաբանութեան
եւ
Զըմմարի
կաթոլիկ
կաթողիկոսներուն
միջեւ
ձգտեալ
յարաբերութիւնները
հիմնապէս
չդադրեցան,
որչափ
ալ
Բարսեղ
Պետրոս
Դ.
եւ
Գրիգոր
Պետրոս
Ե.
Ճիրանեան
աւելի
հաշտ
ընթացքի
հետեւող
էին:
Գրեթէ
միեւնոյն
ընթացքը
շարունակեց
Գրիգոր
Պետրոս
Զ.
ի
եւ
Յակոբոս
Պետրոս
Է.
Հոլասեանի
օրով,
որոնց
առաջինը
1812
յունիս
17-ին
եւ
երկրորդը
1841
յունիս
8-ին
ընտրուեցան:
Վերջինիս
պաշտօնը
շատ
համառօտ
եղաւ,
զի
1843
յունիս
25-ին
աթոռ
բարձրացաւ
Գրիգոր
Պետրոս
Ը.
Տէր-Աստուածատուրեան,
որ
23
տարի
պաշտօն
վարեց,
եւ
զանազան
ձեռնարկեր
ալ
ունեցաւ,
որոնց
պիտի
դառնանք
իրենց
կարգին:
Մխիթարեան
կրկին
ճիւղերուն
Վենետիկի
եւ
Վիէննայի
միաբանութեանց
վրայց
այստեղ
աւելցնելիք
չունինք,
զի
անոնց
մասին
ըսուելիքը
արդէն
մինչեւ
1843
հասուցած
ենք
(§
2477),
որ
է
ըսել
Կարբեցիին
մահուանէ
ալ
անդին,
եւ
շարունակութիւնը
կը
թողունք
առաջիկայ
բաժինին
վերջը:
2567.
ԱԹՈՌՈՅ
ՊԱՐԱՊՈՒԹԻՒՆ
Իւրաքանչիւր
կաթողիկոսի
ժամանակը
մեր
բաժիններուն
հիմ
առած
ատեննիս,
աթոռոյ
պարապութեան
միջոցը
միշտ
նախորդին
վրայ
նշանակեցինք
մինչեւ
յաջորդին
ընտրութիւնը:
Կարբեցիին
մահուանէ
ետքը
առաջին
անգամն
էր
որ
Պօլօժէնիէի
տրամադրութեանց
համեմատ
ընտրութիւն
պիտի
կատարուէր,
որոնց
գլխաւորներն
էին,
12-րդ
յօդուածին
համեմատ
տարեւոր
միջոց
սահմանել,
եւ
13-րդ
յօդուածին
զօրութեամբ
իւրաքանչիւր
վիճակէ
եկեղեցական
եւ
աշխարհական
պատգամաւորներ
ունենալ
ընտրողական
ժողովին
մէջ
(ՊՕԼ.
3):
Իսկ
տեղապահութեան
համար
նոր
ընտրութիւն
կատարելու
պէտք
չկար
զի
42-րդ
յօդուածին
համեմատ
երիցագոյն
սինոդական
եպիսկոպոսին
վերապահուած
էր
ամէն
առիթի
մէջ
կաթողիկոսին
տեղ
փոխանակել
(ՊՕԼ.
8):
Ըստ
այսմ
տեղապահութիւնը
այս
անգամ
վիճակեցաւ
Բարսեղ
Աշտարակեցի
արքեպիսկոպոսին
(04
ԲԱԶ,
351),
իսկ
տարեւոր
միջոցը
1842
մարտ
26-էն
հաշուելով
(§
2561)
սահմանուեցաւ
1843
ապրիլ
13-ին
(04.
ԲԱԶ.
365)
Զատկի
երրորդ
օրուան,
եւ
ընտրութիւնը
լրացաւ
ապրիլ
17-ին
(ԶԱՄ.
Բ.
162):
Զատկի
շաբաթ
օրը:
Աթոռոյ
պարապութեան
միջոցին
վրայ
պատմելիք
չունինք,
զի
յիշատակութիւններն
ալ
կը
պակասին,
եւ
ինչպէս
օրէն
է
հետեւցնել,
նշանակութեան
արժանի
գործ
տեղի
ունեցած
չէ
Մայրաթոռոյ
մէջ,
եւ
սովորական
կեանքը
շարունակած
է
մինչեւ
ընտրութեան
օրը:
Սինոդը
փութաց
Յովհաննէս
կաթողիկոսի
մահուան
մասին
պաշտօնապէս
լուր
տալ
մերձաւոր
եւ
հեռաւոր
բոլոր
վիճակներուն,
եւ
ընտրողական
ժողովին
համար
սահմանուած
օրը
ծանուցանել,
եւ
պատգամաւորներ
հրաւիրել:
Ընտրողական
պայքարի
ալ
ասպարէզ
բացուած
չերեւիր
Էջմիածնի
միաբանութեան
մէջ,
ինչ
որ
կը
հետեւի
ոչ
միայն
լռութիւն
պահուելէն,
այլ
աւելի
ընտրելիին
մասին
ամէն
կողմէն
միասիրտ
եւ
միաբան
ձայն
մը
բարձրացուելէն,
որուն
հանդէպ
հակառակ
կարծիքներն
ալ
ստիպուեցան
լռել,
եւ
բոլորովին
խաղաղական
ընտրութիւն
կատարուեցաւ: