Տ.
ՄԱՏԹԷՈՍ
Ա.
ԿՈՍՏԱՆԴՆՈՒՊՈԼՍԵՑԻ
2689.
ԸՆՏՐՈՂԱԿԱՆ
ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՔ
Կաթողիկոսական
ընտրութեան
համար
մեծ
պատրաստութիւններ
պէտք
չէին
Ռուսահայոց
համար,
զի
ամենայն
ինչ
որոշակի
ճշդուած
էր
1836-ի
Պօլօժէնիէով
եւ
1843-ի
ընտրողական
հրահանգով
(§
2569),
եւ
նոր
ուսումնասիրութեան
պէտք
չկար:
Նոյն
էր
նաեւ
Պարսկահայոց
երկու
վիճակներու
համար,
որոնք
ըստ
ամենայնի
Ռուսահայոց
կանոններով
կը
վարուէին,
բայց
տարբեր
էր
գործը
Տաճկահայոց
համար,
ուր
Պօլօժէնիէի
հետեւողութիւնը
իբր
հաստատուն
կանոն
չէր
նկատուեր,
եւ
միւս
կողմէ
իրենց
սեփական
եւ
վաւերական
կանոնագիր
մըն
ալ
չունէին
զոր
կարենային
Պօլօժէնիէին
դիմադրել,
եւ
պարտաւոր
էին
առօրին
խնդիրը
ուսումնասիրել
եւ
առձեռն
կերպ
մը
որոշել:
Ներսէսի
ընտրութեան
առթիւ
տեսանք
որ
առանց
վիճակներու
բաշխման
ու
թիւի,
ընդհանուր
Տաճկահայոց
կողմէն
միմիայն
պատգամաւոր
մը
յուղարկած
էին
(§
2569).
բայց
ինչ
ալ
կարենար
ըլլալ
իրենց
դիտումը
այդ
պատգամաւորին
տալիք
քուէին
թուական
արժէքին
վրայ,
նա
միայն
մէկ
քուէի
արժէքով
հաշուուած
էր
քուէհամարի
մէջ
(§
2570):
Այս
անգամ
ալ
1857
սեպտեմբեր
14-ի
պաշտօնագիրով
սինոդը
դարձեալ
իր
գիտցած
եւ
պահած
ձեւը
կը
թելադրէր
Յակոբոս
պատրիարքին,
բայց
պատրիարքարանի
Հոգեւոր
եւ
Գերագոյն
ժողովները
ընդարձակ
մեկնութիւն
մը
տալով
սինոդական
պաշտօնագիրին
բացատրութեան,
բարեհաճիլ
այժմէն
իսկ
ազդել
ի
միտս
անդամոց
ազգային
գերագոյն
ժողովոց
հոգեւորականաց
եւ
քաղաքականաց
Հայոց
Կոստանդնուպոլսոյ,
կը
կարծեն
թէ
սինոդականք
իբրեւ
արդարեւ
գիտակք
սահմանադրութեան
կառավարութեանց
հոգեւորականաց
եւ
ժողովրդականաց
Հայոց
Տաճկաստանի
յանձնեցելոց
յարքունուստ
երկուց
ժողովոց
ի
գործադրութիւն.
համակերպած
էին
ուղղակի
երկու
ժողովներուն
վրայ
ճանչնալ
բոլոր
վիճակներուն
քուէները.
ուստի
բնաւ
վիճակներուն
դիմում
կամ
ազդարարութիւն
չեն
յղեր,
այլ
միայն
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքութեան
ենթարկեալ
վիճակներուն
թիւը
45-ի
կը
սահմանեն,
եւ
իրենք
իրենց
որոշում
կու
տան,
կարծելով
թէ
իրենց
որոշումը
Էջմիածնի
քուէհամարին
մէջ
իւրաքանչիւր
վիճակի
երկու
քուէ
հաշուելով
90
քուէի
համարժէք
պիտի
նկատուի
(ՅՆՁ.
85):
Այս
միտքով
1858
մարտ
14-ին
Ընդհանուր
ժողով
կը
գումարեն,
այսինքն
երկու
ժողովներ
համագումար
նիստ
կը
կազմեն,
եւ
ընտրելի
կը
նշանակեն
Յակոբոս
Սերոբեան
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքը
եւ
Գէորգ
Քէրէստէճեան
Պրուսայի,
Գրիգորիս
Զօրաբաբելեան
Կարնոյ
եւ
Պօղոս
Թաքթաքեան
Զմիւռնիոյ
առաջնորդները,
յայտարարելով
թէ
հաճութիւն
մեր
լի
բովանդակ
համարեսցի
այնմ,
վասն
որո'յ
եւ
իցէ
հնգեցունց
աստի,
որուն
վրայ
կեդրոնանայ
Էջմիածնի
ընտրողական
ժողովին
որոշումը:
Յատուկ
եւ
պատգամաւոր
ալ
ընտրել
հարկ
չեն
տեսներ,
այլ
այդ
պաշտօնը
կը
յանձնեն
Կովկասի
փոխ-կառավարչապետ
Իշխան
Վասիլ
Բեհբութեանի,
խնդրելով
որ
կամ
հրամանագրով
ձերդ
ազգապետութեան,
եւ
կամ
ի
դիմաց
ձեր
զոմն
առաքելով
ներկայացնէ
45
վիճակներուն
90
քուէները:
Ապրիլ
2
թուականով
կը
գրուին
պաշտօնագիրները,
մին
սինոդին
իրենց
որոշումը
բացատրելու,
եւ
միւսը
Բեհբութեանի
պատգամաւորութիւնը
յանձնելու,
եւ
երկու
ժողովներ
իրենց
կնիքները
միայն
կը
դնեն,
թէ
ի
կողմանէ
հոգեւորականաց.
եւ
կամ
թէ
ի
կողմանէ
ժողովրդականաց
Կոստանդնուպոլսոյ
եւ
քառասուն
եւ
հինգ
առաջնորդութեանց
եղելոց
յօսմանեան
տէրութեան,
հոգեւոր
կամ
ազգային
ժողովս
կնքեմք
(ՅՆՁ.
84-85):
Ընտրելիներուն
անունները
այսպէս
հինգ
կը
գտնենք
երկու
պաշտօնագիրներուն
պատճէններուն
մէջ.
սակայն
Պէրպէրեան,
որ
այն
ժամանակ
գործերուն
մէջ
կը
գտնուէր,
կը
գրէ,
թէ
Յակոբոս
պատրիարքի
հրաժարելուն
վրայ,
միայն
երեք
ընտրելիներ
ցուցուեցան,
Յովհաննէս
Մովսէսեան
Երուսաղէմի
պատրիարք,
Մատթէոս
Չուխաճեան
նախորդ
պատրիարք,
եւ
Գէորգ
Քէրէստէճեան
Պրուսայի
առաջնորդ
(ՊԷՐ.
372),
եւ
ուրիշներ
ալ
կան
որ
երեք
ընտրելի
կը
յիշեն
(ԶԱՄ.
Բ.
192),
բայց
մենք
կը
նախադասենք
պաշտօնագիրներուն
ցուցակը,
որ
1866-ի
եւ
1883-ի
տեղեկագիրներուն
մէջ
ալ
նոյնութեամբ
կրկնուած
են
(ՅՆՁ.
93,
102):
2690.
ՏԱՃԿԱՀԱՅՈՑ
ՎԻՃԱԿՆԵՐԸ
Աւելորդ
չըլլայ
այստեղ
քանի
մը
դիտողութիւններ
աւելցնել
45
վիճակներու
թիւին
եւ
բաշխման
վրայ:
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքարանի
յիշատակներուն
մէջ
բնաւ
չենք
գտներ
վիճակներու
որոշուած
եւ
հաստատուած
եւ
համեմատական
ճշդութեամբ
կազմուած
վիճակներու
ցուցակ
մը,
որուն
իբր
թէ
հետեւած
ըլլան
1858-ի
ժողովները:
Առաջնորդութիւններն
ալ
յարափոփոխ
կերպարան
ունեցած
են,
ըստ
որում
ըստ
պատահմանց
եւ
պարագայից,
եւ
ըստ
յաջողութեան
եւ
կարողութեանց
անձանց,
զանազան
առաջնորդութիւն
մը
երկու
կամ
երեքի
վրայ
բաժնուած
է:
Հետեւաբար
անկայուն
եւ
անհաստատ
էր
առաջնորդութեանց
թիւը,
եւ
1858-ի
ժողովները
ուրիշ
բան
չեն
կրցած
ընել,
բայց
եթէ
նոյն
տարին
պաշտօնի
վրայ
գտնուող
առաջնորդները
ցուցակի
անցունել,
մէկ
շարքի
վրայ
դնելով
վիլայէթներու
կամ
էյալէթներու
կեդրոնները
նստող
առաջնորդները,
եւ
մէկ
երկու
գիւղ
թեմ
ունեցող
վանահայրերը:
Քառասուն
եւ
հինգ
առաջնորդութեանց
ցուցակը,
որ
պաշտօնագիրներու
հետ
հարկաւ
Էջմիածին
հաղորդուած
է,
թէպէտ
պաշտօնագիրին
մէջ
ակնարկ
մը
չենք
գտներ,
եւ
ոչ
իսկ
այբուբենական
կամ
տեղագրական
կարգ
մը
կը
ներկայէ,
եւ
ըստ
բերման
իրարու
ետեւ
նշանակուած
կ՚երեւի,
եւ
մենք
վերլուծական
ձեւով
մը
յառաջ
պիտի
բերենք
անոնց
ցուցակը:
Կ.
Պոլսոյ
մայրաքաղաքէն
զատ
ուրիշ
6
վիճակներ
ալ
կը
յիշուին
եւրոպական
Թուրքիոյ
մէջ,
այսինքն
Ռոտոսթօ
կամ
Թէքիրտաղ,
Ադրիանուպոլիս
կամ
Էտիրնէ,
Վառնա,
որ
է
այժմեան
Պուլկարիա,
եւ
Մոլտովալաքիա,
որ
է
այժմեան
Ռումանիա,
ընդամէնն
հինգ
եւրոպական
վիճակներ:
Փոքր
Ասիոյ
մէջ
կուսակալութեանց
կեդրոններէն
յիշուած
են
Պրուսա,
Զմիւռնիա,
Ղալաթիա
իմա'
Գաղատիա,
Սեբաստիա
եւ
Տրապիզոն:
Իսկ
նահանգագլուխ
քաղաքներէն
յիշուած
են,
Նիկոմիդիա,
Պանտրմա,
Կուտինա
կամ
Քէօթահիա,
Ճանիկ,
Նիկոպոլիս
կամ
Շապինգարահիսար,
Ամասիա
Մարսուանի
հետ,
Եւդոկիա
կամ
Թօքաթ
եւ
Կեսարիա:
Իսկ
Թամզարա
Ածպտերի
հետ
երկու
վանքեր
են
մէկ
քանի
գիւղերով.
ըստ
այսմ
Փոքր
Ասիա
կը
ներկայանայ
14
վիճակներով:
Հայկական
գաւառներէն
կուսակալանիստ
են,
Կարին,
Վան,
Բաղէշ,
Խարբերդ
եւ
Տիգրանակերտ
կամ
Տիարպէքիր.
նահանգագլուխ
քաղաքներ
են
Երզնկա,
Կարս,
Պայազիտ,
եւ
Մուշ,
եւ
պարզ
գաւառներն
են
Բաբերդ,
Բասեն,
Քղի,
Դերջան,
Կամախ,
Չարսանճաք,
Չմշկածագ,
Արաբկիր,
Ակն
եւ
Բալու,
եւ
Փոքրիկ
վանահայրութիւններ
են
Լիմ
եւ
Կտուց,
Արզնի
եւ
Չնքուշ,
ընդամէնն
22
վիճակներ:
Վերջապէս
երեք
եւս
վիճակներ
կան
դէպ
հարաւ,
Եդեսիա
կամ
Ուրֆա,
Քրդաստան
որ
է
Սղերդ,
եւ
Պաղտատ
եւ
վերջապէս
Եգիպտոս,
որ
նոր
բաժնուած
էր
Երուսաղէմի
պատրիարքութենէն
(§
2607):
Լոկ
անուններու
ցուցակովն
ալ
յայտնապէս
կը
տեսնուի,
որ
պարզապէս
պատահական
եւ
հիմնապէս
անհամեմատ
բաշխմամբ
կազմուած
ցուցակ
մըն
է
1858-ին
ներկայացուածը,
ուր
հարիւրհազարէ
աւելի
ժողովուրդ
ունեցող
վիճակներու
համահաւասար
նկատուած
են
հազիւ
հազար
մը
ժողովուրդ
ունեցող
թեմեր:
Մայրաթոռը
եւ
մայրաթոռի
ձեռքով
ռուսական
կառավարութիւնը
Կ.
Պոլիսէ
տրուած
ցուցակը
առանց
դիտողութեան
եւ
նոյնութեամբ
արձանագրութեան
անցուցած
են,
եւ
որ
եւս
է
մինչեւ
այսօր
ալ
նոյն
ցուցակն
է
որ
պաշտօնապէս
կը
գործածուի:
Երբ
փոքր
վանքեր
իրենց
մէկերկու
գեղերով
իբր
առաջնորդութիւն
նկատուած
են,
անդին
կուսակալութիւններ
եւ
նահանգներ,
ինչպէս
Գոնիա
կամ
Իկոնիոն,
Քասթամունի
կամ
Պափղագոնիա,
Պիլէճիկ
կամ
Էրթողրուլ,
ցուցակի
չեն
անցած,
առաջինները
Գաղատիոյ
եւ
վերջինը
Կուտինայի
առաջնորդներուն
յանձնուած
ըլլալով:
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքարանը
միայն
իրմով
եւ
ուղղակի
եւ
հոգեւորապէս
իրեն
հետ
կապուած
վիճակներով
զբաղելուն,
իր
պաշտօնագիրներուն
մէջ
չէ
յիշած
Կիլիկիոյ
եւ
Աղթամարայ
եւ
Երուսաղէմի
աթոռներուն
թեմերը,
եւ
ուրիշ
կողմէ
ալ
որեւէ
տեղեկութիւն
չունինք
որ
ճշդենք
անոնց
եղած
հրաւէրը
եւ
անոնց
մասնակցութիւնը:
Էջմիածին
չէր
կրնար
անգիտանալ
այդ
մեծ
աթոռներուն
գոյութիւնը.
Երուսաղէմի
հետ
յարաբերութեան
մէջ
էր,
Աղթամարի
համար
տեսանք
Գաբրիէլի
օծման
դրուած
արգելքը
(§
2680),
Կիլիկիոյ
հետ
թերեւս
նուազ
էր
յարաբերութիւնը,
բայց
ամէն
առթի
մէջ
Էջմիածին
պինդ
ունէր
ընդհանրական
կաթողիկոսի
եւ
ծայրագոյն
պատրիարքի
(ԻԶՄ.
355)
դիրքը
եւ
գիտակցութիւնը,
եւ
անշուշտ
այդ
մասնաւոր
աթոռներն
ալ
կոչած
է
ընդհանրական
աթոռին
ընտրութեան,
թէպէտ
ոչ
հրաւիրագիր
յղուելուն
եւ
ոչ
հրաւէրի
պատասխանելուն
վրայ
որոշ
տեղեկութիւն
չունինք:
2691.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ
ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ
Ընտրողական
ժողովը
բացուած
պիտի
ըլլայ
1858
մայիս
15-ին,
Հոգեգալուստի
հինգշաբթին,
զի
ընտրութիւնը
լրացած
է
մայիս
17-ին
շաբաթ
օր,
եւ
ըստ
սովորութեան
առաջին
օր
բացման
հանդէս
կը
կատարուի,
երկրորդ
օրը
չորս
ընտրելիներու,
եւ
երրորդ
օրը
երկու
ընտրելիներու
քուէարկութիւնը:
Ժողովի
ներկաներու
թիւը
որոշակի
նշանակուած
չենք
գտներ,
բայց
Ռուսահայոց
կողմէն
պէտք
է
ըլլային
աթոռին
15
եւ
վիճակներուն
16
քուէարկուներ,
Պարսկահայերն
ալ
միասին:
Իսկ
Տաճկահայոց
կողմէն
պատգամաւոր
նշանակուած
Իշխան
Բեհբութեանց
վախճանած
էր
պաշտօնագիրը
Տփղիս
չհասած,
եւ
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքարանը
փութացած
էր
պատգամաւորական
ներկայացուցիչ
նշանակել
զերկուս
յերեւելի
իշխանաց
Տփղիսեցւոց
(ՊԷՐ.
374)
Ակաթէլ
Գուրգէնբէկեան
եւ
Սահակ
Թումանեան
ազնուականները,
որոնք
լիակատար
իշխանութեամբ
Ս.
Էջմիածին
կ՚երթան,
եւ
երկու
կաթողիկոսցուներու
վերջնական
ընտրութեան
մասնակից
կ՚ըլլան
իւրաքանչիւրը
քառասուն
եւ
հինգական,
երկուքը
մէկէն
իննսուն
ձայն
կամ
քուէ
ունենալով
(ՅՆՁ.
83),
ինչպէս
ենթադրած
են
Կ.
Պոլսոյ
ժողովները
եւ
յանձնաժողովները,
բայց
իսկապէս
այդ
ձեւը
իրականացած
չէ:
Զի
երկու
ընտրեալներու
վերջին
քուէարկութեան
մէջ.
համաձայն
կաթողիկոսական
ընտրութեան
կանոնների
25
յօդուածի,
ընտրութեան
իրաւունք
ունեցել
է
միայն
ժողովին
անձամբ
ներկայ
եղողն,
եւ
բացակայ
պատգամաւորների
կարծիքը
չէ
ընդունուել
ի
հաշիւ
ձայների
(ԱՂԱ.
71),
եւ
ըստ
այսմ
Տաճկահայոց
պատգամաւոր
երկու
Տփղիսեցիներն
ալ
համարելով,
թէպէտ
մին
եկեղեցական
չէ,
33-է
աւելի
չէ
կրցած
ըլլալ
քուէարկուներու
թիւը:
Ընտրութեան
գալով
Էջմիածնայ
միաբանութիւնն
ու
Ռուսահայերը
իրենց
մէջէն
յարմարագոյն
դատած
էին
Արագածունի
Ղուկաս
տեղապահ
արքեպիսկոպոսը,
այլ
նա
խոհական
խորհրդով
եւ
ինքնին
հրաժարելով
ընտրելիութիւնից
կ՚առաջարկէ
այս
անգամ
միայն
Տաճկաստանի
եպիսկոպոսներից
ընտրել
կաթողիկոս,
եւ
այս
կերպով
Տաճկահայոց
յարաբերութիւնը
մայրաթոռի
հետ
ամրապնդել
(ՄՈՎ.
363):
Ուրիշներ
կը
յաւելուն
թէ
այդ
միտքը
ռուս
կառավարութեան
թելադրութեամբ
ալ
հաստատուած
է,
եւ
թէ
երբ
ընտրութիւնը
այսպէս
իրականացաւ,
քաղաքական
տեսակէտով
մեծ
նշանակութիւն
տուեց
ռուս
կառավարութիւնը
(ԶԱՄ.
Բ.
165):
Տեղեկալին
առաջարկը
ընդհանուր
հաւանութիւն
գտաւ,
եւ
այն
ատեն
Կ.
Պոլիսէն
ներկայուած
հինգ
կամ
երեք
անձերու
վրայ
(§
2689)
կեդրոնացուցին
իրենց
մտադրութիւնը,
եւ
անհակառակ
ընտրելագոյն
դատուեցաւ
նախորդ
պատրիարք
Մատթէոսը,
իր
համբաւով
եւ
արդիւնքներով
ծանօթ,
եւ
ընտրուեցաւ
համարեա
միաձայն
քուէարկութեամբ,
որ
33-էն
գոնէ
30
քուէ
ըսել
կ՚ըլլայ,
եւ
երկրորդ
քուէն
ստացաւ
Պրուսայի
առաջնորդ
Գէորգ
համեմատական
առաւելութեամբ
23
ձայնից
(ՄՈՎ.
363):
Ընտրութեան
թուականը
ուրիշներ
յունիս
18
նշանակած
են
(ՊԷՐ.
374,
605)
որ
չհամապատասխաներ
Էջմիածինի
արձանագրութեանց,
եւ
պէտք
է
այդ
թուականը
ընդունիլ
իբրեւ
ընտրութեան
լուրին
Կ.
Պոլիս
հասնելուն
օրը,
ընտրութենէն
ճիշդ
ամիս
մը
ետքը:
Ռուսական
կառավարութիւնը
առանց
դիտողութեան
ընդունեց
կատարուած
ընտրութիւնը,
եւ
առաւելագոյն
քուէ
ստացող
Մատթէոսի
կայսերական
որոշումը
տրուեցաւ
եւ
ընդունուեցաւ
իբրեւ
կաթողիկոս
ամենայն
Հայոց,
որուն
թուականը
չենք
գտած,
բայց
օգոստոս
11-ին
պաշտօնական
լուրը
ռուսական
դեսպանատան
կողմէն
օսմանեան
կառավարութեան
հաղորդուեցաւ,
որպէսզի
արտօնուի
մեկնիլ
ի
Կոստանդնուպոլսոյ
ի
Ս.
Էջմիածին
(ՊԷՐ.
374,
608),
ինչ
որ
շնորհուեցաւ
օգոստոս
22-ին
(ՊԷՐ.
607):
Բայց
պէտք
է
աւելցնել,
թէ
մեկնելու
հրամանէն
կարեւորագոյն
կէտը
հպատակութիւնը
փոխելն
էր.
զի
ըստ
օրինի
կը
պահանջուէր
կաթողիկոսներու
ռուսական
հպատակ
հռչակուիլ:
Գրուած
է
որ
նոյն
օրէն,
այսինքն
օգոստոս
22-էն,
սկսաւ
յիշատակութիւն
անուան
Մատթէոսի
յեկեղեցիս
ի
սուրբ
պատարագի
(ՊԷՐ.
607),
բայց
օգոստոս
22-ը
Վերափոխման
ուրբաթին
կը
հանդիպի,
եւ
յարմարագոյն
է
կարծել
թէ
առաջիկայ
կիրակէին
օգոստոս
24-էն
սկսած
ըլլայ
յիշատակութիւնը:
Պատճառ
մը
չունինք
չկրկնելու,
թէ
տարադէպ
եւ
ոչ-կանոնական
էր
օծումէն
առաջ
անունի
յիշատակութիւնը
սկսիլ,
զոր
եթէ
բացառաբար
արդարացուցինք
Ներսէսի
պարագային
(§
2574)
պատճառ
մը
չկար
որ
Մատթէոսի
պարագային
ալ
կրկնուէր,
այլ
բացառիկ
նախընթացներ
ստէպ
վնասակար
կը
դառնան,
եւ
առիթ
կ՚ընծայեն
զեղծումներ
ընդարձակելու:
2692.
ՄԱՏԹԷՈՍ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Մատթէոս
արքեպիսկոպոս
Չուխաճեան,
նախորդ
պատրիարք
Կ.
Պոլսոյ,
բնիկ
Կ.
Պոլսեցի
Վոսփորի
Օրթաքէօյ
թաղէն
56
տարեկան
էր
(§
2587)
կաթողիկոս
ընտրուած
տարին,
եւ
վկայուած
էր
իբրեւ
բաւական
խնամուած
կրօնական
կրթութիւն
ստացած
եկեղեցական
մը.
աշակերտած
էր
Բաբերդցի
Չամաշըրճեան
Յովհաննէս
պատրիարքին
(01.
ՕՐԱ.
235).
որ
իր
կարգին
եղած
էր
ուսմանց
զարթուցիչ
Կաղզուանցի
Փօքուզեան
Զաքարիա
պատրիարքին
ընտրելագոյն
աշակերտներէն
մին
(§
2121):
Մատթէոս
իրաւամբ
կը
նկատուէր
իր
ժամանակին
գերազանցապէս
ուսումնական
եկեղեցականը,
թէպէտ
իր
հմտութիւնը
հայկական
շրջանակէն
անդին
չէր
անցներ:
Նա
հռչակուած
էր
իբրեւ
հմուտ
աստուածաբան
եւ
քարոզիչ
(ԶԱՄ.
Բ.
165),
եւ
ծանօթ
էր
իւր
վստահ
ու
համարձակ
բնաւորութեամբ.
Հայաստանեայց
եկեղեցւոյ
չափից
աւելի
նախանձախնդրութեամբ,
եւ
իւր
հեղինակած
բազմահատոր
կրօնական
գիրքերով
(ՄՈՎ.
363):
Մատթէոսի
նախանձայուզութեան
փաստերը
տեսանք
իր
պատրիարքական
պաշտօնավարութեան
ատեն,
թէ
բողոքականութեան
(§
2589)
եւ
թէ
պապականութեան
հանդէպ
(§
2598),
եւ
հարկ
չենք
տեսներ
անոնց
վրայ
անդրադառնալ:
Իսկ
իր
հմտական
եւ
գրական
կարողութեան
փաստերն
են
իր
հրատարակութիւնները.
որոնցմէ
առաջինը
եղած
է
Յայսմաւուրքի
նոր
եւ
խնամեալ
հրատարակութեան
համար
Գրիգոր
Փէշտիմալճեանի
գործակցիլը,
որ
միանգամայն
կ՚արտայայտէ
Աղաւնի
պատրիարքին
պէս
բանիբուն
անձի
մը
անոր
վրայ
ունեցած
համարումը
եւ
վստահութիւնը:
Մատթէոսի
հրատարակութեանց
առաջինն
է
Խորհրդածութիւնք
շնորհաց
եւ
նշանաց
եւ
խորհրդոց
քրիստոնէական
սուրբ
եկեղեցւոյ,
Զմիւռնիոյ
առաջնորդութեան
միջոցին
գրուած,
որուն
մէջ
եկեղեցւոյ
խորհրդոց
մասին
քրիստոնէական
վարդապետութիւնը
կը
բացատրէ
գրաբար
լեզուով
եւ
ընդհանուր
տեսակէտէն:
Իսկ
ազգային
եկեղեցւոյ
տեսակէտէն
կը
գտնենք
միայն
վերջին
օծման
մասին
յայտնած
կարծիքը,
ուր
թէպէտ
նախապէս
իւղով
օծումին
Քրիստոսէ
հաստատուած
ըլլալը
կը
պաշտպանէ
(ԽՐՀ.
105),
բայց
վերջէն
բաւական
կը
սեպէ
Տեառնագրութեամբ
սրբոյ
խաչի
եւ
աղօթիւք
կատարուիլը,
եւ
մինչեւ
իսկ
կ՚ըսէ
թէ
այս
իսկ
է
վայելչական
կատարումն
խորհրդոյն
առաջին
դարուց
անտի
եկեղեցւոյ
մեծարեալ
(ԽՐՀ.
117):
Երկրորդ
հրատարակութիւնը
աւելի
ստուար
եւ
աւելի
կանոնաւոր
է
1854-ին
հրատարակուած,
Հանդիսարան
ուղղափառութեան
Հայոց
եկեղեցւոյ
անունով,
եւ
գրուած
է
իբրեւ
պատասխանի
խնդրոյն
լուսաւոր
կրօն
հայազգի
եւ
հաւատարիմ
ուղղափառ
սուրբ
եկեղեցւոյս
մեծահաւատ
յարգելւոյն
(ՀԱՆ.
1),
նպատակ
ունենալով
ցրել
Մխիթարեանց
կողմէ
իրենց
պաշտպանութեան
համար
հրատարակուած
տետրակին
խօսքերը,
որով
Հայոց
եկեղեցին
հերձուածող
եւ
հերետիկոս
էր
հռչակուած
(§
2668),
ինչպէս
որ
յայտնապէս
հեղինակն
ալ
կը
յիշէ
(ՀԱՆ.
8):
Այս
գործը
ամբողջապէս
ջատագովական
է
պապականներու
դէմ,
իսկ
Բարի
մարդ
եւ
բարի
քրիստոնեայ
երկասիրութիւնը,
զոր
երկու
տարի
ետքը
հրատարակեց
1856-ին,
հակաճառութիւն
է
բողոքականաց
եւ
պապականաց
դէմ,
միշտ
Հայոց
պաշտպանութեան
նպատակով
գրուած
(ԲԱՐ.
):
Այդ
երկու
գործերը
(ՀԱՆ.
եւ
ԲԱՐ.
)
մեծ
հռչակ
ստացան
իրենց
հմտական
ճոխութեամբ,
վկայութեանց
եւ
պատմական
յիշատակաց
առատութեամբ,
եւ
կրօնական
ուղղութեամբ:
Բողոքականաց
ալ
երկրորդին
դէմ
պատասխան
հրատարակելը
եւս
առաւել
աճեցոյց
գործին
նշանակութիւնը,
եւ
առիթ
տուաւ
Տէրոյենցի
Բանադատին,
եւ
մեծ
հռչակ
կազմեց
Մատթէոսի
անունին
շուրջը
(01.
ՕՐԱ.
235):
Մատթէոսի
վերագրուած
առաւելութիւններէն
մէկն
ալ
ժողովրդասէր
անձ
(ԶԱՄ.
Բ.
165),
կամ
ժողովրդականութեամբը
ճանչցուած
ըլլալն
էր
(ՄՈՎ.
363),
այսինքն
իբրեւ
հանրութեան
բարւոյն
հետեւող,
եւ
ոչ
դասակարգի
մը
շահուն
ծառայող:
Իբրեւ
վարչական
անձ
ալ
բաւական
երաշխաւորութիւն
էր
չորս
տարի
պատրիարքութիւն
վարած
ըլլալը,
եւ
իր
օրով
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքարանին
գոհացուցիչ
ընթացք
եւ
կերպարան
ստացած
ըլլալը,
եւ
հրաժարելէն
ետքն
ալ
վարչական
գործերէ
հեռու
մնացած
չըլլալը,
թէպէտ
իր
սիրած
շրջանակը
գրականն
էր:
Տարիքով
եւ
աշխատութեամբ
ալ
գործի
գլուխ
կանգնելու
յարմարութիւն
կը
ներկայէր,
եւ
այս
արժանիքներու
հիմամբ
Կ.
Պոլիսէ
առաջարկուեցաւ
եւ
Էջմիածինէ
կոչուեցաւ
Ամենայն
Հայոց
կաթողիկոսութեան,
որպէսզի
դուրսէ
գալով
վերանորոգութիւն,
այսինքն
նոր
ոյժ
եւ
նոր
ուղղութիւն
ներշնչէ
Հայոց
հայրապետութեան:
Իրաւ
կանուխէն
ալ
եղած
էին
Տաճկահայերէ
Մայրաթոռ
բարձրացողներ,
ինչպէս
Եղիազար
Այնթապցին,
Կարապետ
Ուլնեցին,
Աբրահամ
Կրետացին,
եւ
Մինաս
Ակնեցին,
սակայն
այն
ատենները
որոշակի
շեշտուած
չէին
երկու
կողմերուն
իրարմէ
տարբերութիւնները,
եւ
ամէնքը
հաւասարապէս
միեւնոյն
պատրիարքութեան
եւ
աշակերտութեան
պատկանող
կը
նկատուէին:
Այլ
թէ
ի'նչպէս
եւ
ի'նչչափ
կրցաւ
Մատթէոս
համապատասխանել
ընդհանուր
ակնկալութեանց,
պատմութիւննիս
յառաջացնելով
պիտի
կարենանք
հետզհետէ
տեսութիւննիս
պարզել:
2693.
ՅԱԿՈԲՈՍԻ
ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ
Մատթէոսի
ընտրութենէն
անմիջապէս
ետքը
հնար
չէր
անոր
Կ.
Պոլիսէ
հեռանալ,
զի
օսմանեան
կառավարութեան
հաւանութենէն
ետքն
ալ
ձեւակերպութիւններ
կային
ռուսական
կառավարութենէ
լրացուելիք,
ուսկից
ետքը
պիտի
գային
Էջմիածնի
հրաւիրակները
նորընտիրը
առաջնորդելու:
Այս
պարագաները
գործը
ամիսներով
երկարեցին,
ձմեռը
վրայ
հասաւ
եւ
ուղեւորութիւնը
դժուարին
դարձաւ
եւ
առաջիկայ
1859
գարունին
մնաց:
Այդ
միջոցին
Մատթէոս
իր
իշխանութեամբը
նպաստեց
Աղթամարայ
Պետրոս
կաթողիկոսին
հաստատութեան,
եւ
նախագահեց
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքին
փոփոխութեան:
Արդէն
պատմած
ենք
Յակոբոսի
պատրիարքութեան
օրերուն
անցքերը,
որոնք
թէպէտ
ցրիւ
եւ
իրարմէ
անկախ
եղելութիւններ,
սակայն
բաւական
են
նոյն
ժամանակի
ազգային
դիրքը
պատկերացնել
եւ
ազգային
գործունէութեան
գաղափարը
տալ:
Յակոբոս
Սերոբեան
պատրիարքը
1780-ին
ծնած
Կ.
Պոլսոյ
Պալաթ
թաղը,
արդէն
տարիքը
առած
եւ
տկարացած
էր
եւ
յուզումնալից
պարագաներէ
ընկճուած,
շատոնց
էր
որ
հրաժարելու
եւ
պատրիարքական
բեռը
թօթափելու
հետամուտ
էր:
Անգամ
մը
1856
նոյեմբեր
12-ին
հրաժարական
ներկայած,
բայց
ետ
առնելու
ստիպուած
էր
ընդհանուր
հաւանութեամբ
ազգիս,
թէպէտ
կային
ամիրաներուն
մէջ
պատրիարքի
փոփոխութիւն
ընել
ուզողներ
(ՊԷՐ.
603):
Երկու
տարիներ
եւս
անցան
եւ
Յակոբոս
հնարաւոր
չափին
մէջ
շարունակեց
իր
պաշտօնը
եւ
այդ
միջոցին
տեղի
ունեցան
Ներսէս
կաթողիկոսի
մահը
եւ
Մատթէոսի
ընտրութիւնը
ինչպէս
պատմեցինք:
Յակոբոս
78
տարեկան
եղած
եւ
ծերութենէն
ընկճուած,
ընտրութիւնը
հաստատուելէն
քիչ
ետքը
(1858)
հոկտեմբեր
7-ին
(ՊԷՐ.
607)
ժողով
գումարեց
պատրիարքարանի
մէջ,
որուն
ներկայ
գտնուեցաւ
նաեւ
Մատթէոս,
եւ
վերջապէս
իր
հրաժարականը
մատոյց,
որ
եւ
ընդունուեցաւ,
եւ
հրաժարականը
կառավարութենէ
ալ
ընդունուելէն
ետքը
կրկին
ժողով
գումարուեցաւ
հոկտեմբեր
17-ին
(01.
ՕՐԱ.
244),
եւ
յաջորդի
ընտրութիւնը
կատարուելով
պատրիարք
հռչակուեցաւ
Գէորգ
եպիսկոպոս
Քէրէստէճեան,
Պրուսայի
առաջնորդը
(01.
ՕՐԱ.
64),
որ
իբր
երկրորդ
ընտրեալ
նշանակուած
էր
Էջմիածնի
ընտրողական
ժողովէն:
Եթէ
Յակոբոս
իբր
պատրիարք
շատ
մեծ
գործեր
կատարած
չէր,
սակայն
երեւելի
անցքեր
տեղի
ունեցած
էին
իր
օրով,
ինչպէս
արեւելեան
կոչուած
պատերազմը
Ռուսիոյ
դէմ,
եւ
չորս
Վենետկոյ
Մխիթարեան
վարդապետներուն
վերադարձը:
Յակոբոս
պատրիարքութենէ
հրաժարելով
քաշուեցաւ
Իւսկիւտար,
եւ
բնակեցաւ
Ս.
Խաչ
եկեղեցւոյն
հանդէպ
Յակոբ
Նալեանէ
կտակուած
եւ
հրաժարեալ
պատրիարքներուն
յատկացուած
տունը,
զոր
իր
ծախքով
նորոգեց
ու
յարդարեց,
նմանապէս
իր
արդեամբ
կառոյց
Ս.
Խաչի
ընդարձակ
եւ
քարուկիր
վարժարանը,
աշակերտաց
եւ
աշակերտուհեաց
համար
զատուած
մասերով,
եւ
մեծ
դրան
ներսն
ալ
պարտէզին
մէջ
իրեն
համար
դամբարան
մըն
ալ
պատրաստեց
այնտեղ
թաղուելու
դիտաւորութեամբ:
Յակոբոս
որչափ
ալ
պաշտօնէ
քաշուած,
բայց
գործէ
քաշուած
չի
կրնար
ըսուիլ,
զի
մեծ
դեր
վարեց
թէ
ազգային
սահմանադրութեան
կազմուելուն,
եւ
թէ
Երուսաղէմի
ներսէն-դուրսէն
ընտրողական
խնդիրներուն
մէջ,
ինչպէս
իրենց
կարգին
պիտի
տեսնենք,
իսկ
իրեն
վախճանը
մտադրութենէն
տարբեր
եղաւ,
զի
1862-ին,
արդէն
82
տարեկան,
ուղեւորեցաւ
Երուսաղէմ
հոկտեմբեր
3-ին
եւ
հասաւ
18-ին
(62.
ՅԿԲ.
231)
բայց
կարծես
թէ
միայն
մեռնելու
եւ
թաղուելու
համար
եկած
ըլլար,
հասնելէն
երկու
շաբաթ
ետքը
հոկտեմբեր
31-ի
գիշերը
դիպուածով
մահճակալին
առագաստը
մոմէն
կրակ
կ՚առնէ,
եւ
մարելու
համար
ըրած
ջանքերէն
ձեռքերն
ու
ոտքերը
եւ
մարմինը
կը
խանձին,
եւ
թէպէտ
իմացողներ
կը
հասնին
եւ
դուրս
կը
հանեն,
բայց
կրած
վախէն
եւ
ստացած
վէրքերէն
կեանքը
կը
վտանգուի,
եւ
նոյեմբեր
5-ին
(62.
ՅԿԲ.
294)
հոգին
կ՚աւանդէ,
եւ
6-ին
երեքշաբթի
որ
հանդիսապէս
կը
յուղարկաւորի
եւ
կը
թաղուի,
Ս.
Փրկիչ
եկեղեցւոյ
գաւիթը,
Երուսաղէմի
պատրիարքաց
շարքին
մէջ
(62.
ՅԿԲ.
299):
2694.
ՄԱՏԹԷՈՍԻ
ՄԵԿՆԻԼԸ
Նորընտիր
կաթողիկոսը
Էջմիածին
առաջնորդելու
ընտրուած
հրաւիրակներուն
գլուխը
Մակար
արքեպիսկոպոս
Տէր-Պետրոսեան
եւ
ընկերները
Մկրտիչ
Բամբամեան
եւ
Գալուստ
Փափազեան
վարդապետներ
եւ
երկու
կարմրազգեստ
շաթըր
կոչուած
կաթողիկոսական
բարապաններ
Կ.
Պոլիս
հասան
1858
դեկտեմբեր
16-ին,
որ
է
ըսել
ընտրութենէն
եօթն
ամիս
ետքը,
եւ
իջեւանեցան
Բերա
Տատեան
Պօղոս
պէյի
կողմէ
յատկապէս
պատրաստուած
տուն
մը,
մինչ
Մատթէոս
կը
շարունակէր
մնալ
իր
Օրթաքէօյի
տունը:
Այդ
առթիւ
Մատթէոս
հանդիսաւոր
հայրապետական
պատարագ
մատոյց
Բերայի
Ս.
Երրորդութիւն
եկեղեցին
1859
յունուար
11-ին,
Ծննդեան
ութօրէից
մէջ
հանդիպող
կիրակին,
ուր
ներկայ
գտնուեցաւ
ամբողջ
Ռուսիոյ
դեսպանական
մարմինը,
եւ
պատարագէն
ետքը
մեծածախս
հացկերոյթ
տրուեցաւ
Տատեան
Պօղոսի
կողմէն:
Քիչ
ետքը
սուլտանն
ալ
հաճեցաւ
պատուասիրել
նորընտիրը
յատուկ
ընդունելութեամբ,
որ
տեղի
ունեցաւ
փետրուար
7-ին
շաբաթ
օր,
եւ
նորընտիրն
ու
հետեւող
հրաւիրակները
շքանշաններով
մեծարուեցան,
ինչպէս
նաեւ
Անդրէաս
վարդապետ
Տէր-Անդրէասեան,
որ
Մատթէոսին
իբր
գաւազանակիր
կ՚ընկերանար:
Էջմիածին
ուղեւորութիւնը
գարունին
յետաձգուած,
եւ
այնպէս
ալ
ռուսական
դեսպանատան
հաղորդուած
ըլլալով,
հրաւիրակները
օգտուեցան
Երուսաղէմի
Սուրբ
Տեղեաց
ուխտագնացութիւնը
կատարել
եւ
Զատիկնին
ընելով
վերադառնալ
(ՊԷՐ.
608),
որ
այն
տարի
կ՚իյնար
ապրիլ
12-ին:
Իսկ
ապրիլ
20-ին
Կ.
Պոլիս
կը
հասնէր
Ռուսիոյ
պետական
հրաւիրակը
զօրավար
Միքայէլ
Լօրիս
Մելիքով,
իսկ
բնիկ
հայկական
հնչմամբ`
Լօռու
Մելիքեանց,
իրեն
թիկնապահ
օգնական
ունենալով
Միքայէլ
Միանսարեանց
հարիւրապետը
(ՊԷՐ.
610),
21-ին
կը
տեսակցէր
Գէորգ
պատրիարքին
հետ,
եւ
23-ին
հինգշաբթի
օր
պաշտօնապէս
կը
ներկայանար
նորընտիր
կաթողիկոսին:
Ընդունելութիւնը
տեղի
ունեցաւ
Օրթաքէօյ
Եուսուֆեան
ընդարձակ
սրահին
մէջ,
ուր
Մատթէոս
կը
սպասէր
նախորդ
պատրիարք
Յակոբոսէ,
Գույումճեան
Սարգիս
եպիսկոպոսէ,
ութը
վարդապետներէ
եւ
քահանաներէ
շրջապատուած,
իսկ
Լօրիս
Մելիքովի
կ՚ընկերանային
Գէորգ
պատրիարք
եւ
Տատեան
Յովհաննէս
եւ
Պօղոս
եւ
Երամեան
Գէորգ
պէյեր,
չորս
վարդապետ
եւ
ուրիշ
հետեւորդներ
(ՊԷՐ.
610):
Պաշտօնական
ներկայացումներէ
եւ
յայտարարութիւններէ
ետքը
յատուկ
բանախօսութիւն
մըն
ալ
արտասանեց
Տիգրան
Եուսուֆեան
գոհունակութեան
եւ
շնորհակալութեան
արտայայտութիւններով
(ՊԷՐ.
376-378):
Անկէ
ետքը
մինչեւ
յունիս
2-ին
կաթողիկոսին
եւ
հրաւիրակներուն
մեկնիլը,
40
օրեր
շարունակ,
ուրախութեանց
եւ
հրաւէրներու
եւ
հանդէսներու
միջոց
մը
եղաւ,
առատ
ծախքերով,
որոնք
Թէոդորեանի
սիրտը
կը
հալեցնէին:
Ապրիլ
24-ին
Մատթէոս
փոխադարձ
այցելեց
Մելիքովի,
25-ին
Մելիքով
սուլտանէն
եւ
նախարարներէն
ընդունուեցաւ,
26-ին
Մատթէոս
Պէշիկթաշի
եկեղեցին
քարոզեց
եւ
Պալեան
Կարապետ
կայսերական
ճարտարապետ
հացկերոյթ
տուաւ,
մայիս
11-ին
Յունաց
պատրիարքի
ներկայացուցիչ
եպիսկոպոսներ
շնորհաւորութեան
եկան,
18-ին
Ռուսահայ
վաճառականներ
կոչունք
տուին,
21-ին
հացկերոյթ
մըն
ալ
տրուեցաւ
Կ.
Պոլսոյ
ուսումնական
խումբին
կողմէն,
30-ին
Անգղիոյ
դեսպանը
հացկերոյթ
տուաւ,
19-ին
Ռուսիոյ
Կոստանդին
մեծ
դուքսը
ընդունելութիւն
կատարեց,
եւ
այս
ամէն
առիթներու
մէջ
ժողովրդական
ցոյցեր
առատացան,
բարեմաղթանքներ
խօսուեցան,
եւ
ամէն
դասակարգերու
մէջ
եռանդուն
արտայայտութիւններ
տիրեցին,
եկեղեցական
հանդէսներ
ալ
պակաս
չեղան
գլխաւոր
թաղեր`
հայրապետական
պարագաներով
եւ
յորդաբուղխ
քարոզներով:
Վերջապէս
մայիս
17-ին
կաթողիկոսը
տանելու
համար
ղրկուած
ռուսական
շոգենաւը
հասաւ,
յունիս
1-ին
Կոստանդին
մեծ
դուքս
սուլտանէն
հրաւիրուեցաւ,
եւ
յունիս
2-ին
Հոգեգալստեան
երեքշաբթի
օրը,
նախորդ
տարին
Հոգեգալստեան
շաբթուն
կատարուած
էր
ընտրութիւնն
ալ
(§
2691),
առաւօտուն
կաթողիկոսը
կրկին
անգամ
սուլտանէն
հրաժեշտի
ողջոյնի
ընդունուեցաւ,
անկէ
Օրթաքէօյ
գալով
Փափազեան
Ճանիկ
ամիրայի
տունը,
ուր
եկեղեցականաց
եւ
աշխարհականաց
մեծ
բազմութիւն
մը
Գէորգ
պատրիարքի
գլխաւորութեամբ
հաւաքուած
էր,
հրաժեշտի
ողջոյնը
մատոյց,
եւ
երեկոյեան
պահուն
կաթողիկոսն
եւ
պետական
ու
աթոռական
հրաւիրակներ
շոգենաւը
մտան,
եւ
բազմութիւնը
բազմաթիւ
նաւակներով
բաւական
տեղ
շոգենաւին
հետեւեցաւ,
մինչեւ
Վոսփորի
բերանէն
Սեւ
ծով
ելլալը:
Տաճկահայոց
կողմէն
կաթողիկոսին
ուղեկցեցան
Սարգիս
Գույումճեան
եպիսկոպոս,
որ
Սիսէ
ձեռնադրուած
լինելով
պէտք
ունէր
Էջմիածինի
ուխտը
կատարել,
Սարգիս
Թէոդորեան
վարդապետ
որ
Հայկազնեան
վարժարանի
օգնութեան
համար
Մատթէոսի
խոստումներուն
կը
հետեւէր:
Աբրահամ
վարդապետ
Սարկաւագեան
քաղցրաձայն
երգիչը
Պիւլպիւլ
մականուանեալ,
Անդրէաս
վարդապետ
Տէր-Անդրէասեան
իբր
գաւազանակիր,
Աւետիս
Պէրպէրեան
վարժապետ,
առաջ
ուսուցիչ
եւ
յետոյ
քարտուղար
նորընտիր
կաթողիկոսին
(ՊԷՐ.
378-380),
եւ
Մարկոս
Աղաբէգեան
Ռուսահայոց
եւ
Մայրաթոռոյ
կացութիւնը
հետազօտելու
եւ
ուսումնասիրելու
հետամուտ
անձ
մը,
տասը
Ներսիսեանի
աշակերտներ,
եւ
երեսուն
բախտախնդիրք,
ընդ
ամէնն
իբր
յիսուն
անձ
(ԹՈԴ.
Դ.
170):
2695.
ՀԱՅԿԱԶՆԵԱՆ
ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Մատթէոսի
Կ.
Պոլիս
եղած
միջոցին
Հայկազնեան
վարժարանին
գործն
ալ
անոր
հոգածութեան
առարկայ
եղած
ըլլալը
յիշեցինք
(§
2682),
եւ
այդ
յուսով
կ՚օրօրուէր
Թէոդորեան
Կ.
Պոլսոյ
մէջ:
Այվազեան
հեռացած
էր
գործէն,
եւ
1858
օգոստոս
1-ին
Թէոդոսիոյ
Խալիբեան
վարժարանին
բացումն
ալ
կատարելով
(ՊԷՐ.
605),
անոր
տուած
էր
բոլոր
մտադրութիւնը,
եւ
միայն
ցաւակցական
եւ
քաջալերական
նամակներու
շրջանակին
մէջ
կը
մնային
Թէոդորեանի
հետ
յարաբերութիւնները,
իսկ
Գալֆայեան
եղբարք
Ամբրոսիոս
եւ
Խորէն,
վարժարանին
բեռը
վրանին,
միջոցներէ
զուրկ,
պարտքերէ
նեղուած,
տառապանաց
մատնուած,
աղաչանքի
եւ
թախանձանքի,
գանգատի
եւ
բողոքի
նամակներ
կը
տեղային
Թէոդորեանի
գլխուն:
Մատթէոսի
ակնկալութիւններն
ու
խոստումները
Ռուսահայոց
վրայ
հիմնուած
էին,
բայց
իր
ուղեւորութիւնն
ալ
երկարաձգուած
էր,
եւ
առ
այժմ
լոկ
քաջալերական
խօսքեր
կրնար
առատացնել:
Սակայն
անդիէն
Այվազեան
1858
նոյեմբեր
30-ի
նամակով
Թէոդորեանի
կ՚ազդարարէր
թէ
կաթողիկոսը
դժուարաւ
յոյժ
կարողանայ
նպաստ
լինել
ուղղակի
յետ
մտանելոյն
ի
սահմանս
Ռուսիոյ,
ուստի
յարմարագոյն
կը
դատէ
որ
այժմէն
շրջաբերական
մը
հանէ
առ
բովանդակ
ազգն
միանուագ
նուէրներով
գէթ
միլիոն
ֆրանքաց
դրամագլուխ
մը
պատրաստելու,
եւ
յԵրուսաղէմի
վանիցն
գումար
մեծ
առ
մի
նուագ
եւեթ
պահանջել
(ԹՈԴ.
Դ.
113),
եւ
այս
նպատակով
կոնդակին
ծրագիրն
ալ
կը
յղէ,
բայց
Մատթէոս
յապաղէ
եւ
չկամի
հրատարակել
զայն
(ԹՈԴ.
Դ.
214).
եւ
կը
բաւականանայ
Հայկազնեանի
հոգածութիւնը
Գէորգ
պատրիարքին
յանձնարարել
(ԹՈԴ.
Դ.
120),
որ
Գերագոյն
ժողովին
կը
փոխանցէ
գործը,
այն
ալ
Մկրտիչ
Մոմճեանի,
որ
կը
ջանայ
հայթայթել
5000
ֆրանք
միայն,
աննշանակ
դարման
տարապայման
աճած
կարօտութեան
(ԹՈԴ.
Դ.
121),
բայց
եւ
ոչ
այն
կը
գործադրուի
(ԹՈԴ.
Դ.
126):
Այվազեան,
որ
ընդհանուր
հանգանակութեան
եւ
դրամագլխոյ
կազմութեան
խորհուրդ
կու
տար,
միւս
կողմէն
Գալֆայեան
եղբայրներուն
կը
թելադրէր
Հայկազնեանէն
յոյսերնին
կտրելով
գալ
իրեն
հետ
միանալ
եւ
Խալիբեանին
աշխատիլ
(ԹՈԴ.
Դ.
123):
Թէոդորեանին
վիճակը
հետզհետէ
կը
ծանրանար
Փարիզի
նեղութեան
եւ
Կ.
Պոլսոյ
անհոգութեան
միջեւ,
որուն
սիրտին
ցաւ
կը
պատճառեն
հրաւիրակներուն
համար
եղած
տարապայման
ծախքերը
հանգանակութեամբ
կամ
մեծամեծաց
ընծայներով,
եւ
վշտագին
կը
գոչէ,
ահա
սեպհական
բնաւորութիւն
իշխանացն
ի
Պօլիս
(ԹՈԴ.
Դ.
133):
Օրեր
կ՚անցնին,
ակնկալութիւններ
կը
ցնդին,
եւ
Թէոդորեան
1859
ապրիլ
19-ին,
որ
է
Նոր
կիրակի
օրը,
երբ
այլ
եւս
կաթողիկոսին
կը
դիմէ,
թէ
ահա
ամիս
տասն
են
զի
կամ
ես
աստ,
բայց
թէ
գործ
մը
չիրականացաւ
եւ
Հայկազնեանը`
փակեալ
էր
այն
այժմ
անշուշտ
ի
վնաս
եւ
ի
նախատինս
ազգիս
Հայոց,
եթէ
կաթողիկոսը
չէր
փոյթ
կալեալ,
եւ
եթէ
չփութայ
արդ
հոգ
տանել
եւ
պարտուց
նորին,
առաւել
եւս
լիցին
վնաս
եւ
նախատինք
(ԹՈԴ.
Դ.
153):
Մատթէոս
կը
բաւականանայ
նորէն
բերանացի
վստահութիւն
տալ,
իսկ
պատրիարք
եւ
ժողովականք
վարժարանը
չփակելու
համար
ամսական
4,
000
ֆրանքի
գումար
հասցնել
կը
խոստանան,
բայց
այն
ալ
չի
գործադրուիր,
եւ
Մատթէոս
մեկնելու
օրը
միայն
շրջաբերական
մը
կը
հանէ
Տաճկահայոց
հասցէին,
իսկ
Թէոդորեանը
միասին
կը
տանի
Ռուսահայոց
դիմելու
նպատակով
(ԹՈԴ.
Դ.
161):
2696.
ԱՌԱՋԱՐԿՈՒԹԻՒՆ
ԵՒ
ԽՆԴԻՐՆԵՐ
Մատթէոսի
Կ.
Պոլիս
եղած
միջոցին
կատարուած
գործերէն
մին
ալ
ծագած
փափագն
էր,
Էջմիածնի
եւ
Կ.
Պոլսոյ
աթոռներուն,
այսինքն
ռուսահայ
եւ
տաճկահայ
ազգայնոց
եկեղեցական
յարաբերութիւնները
որոշ
եւ
հաստատուն
հիմերու
վրայ
դնել
եւ
ճշդել,
եւ
անցելոյն
թիւրիմացութեանց
կրկնումը
խափանել:
Այդ
նպատակով
կազմուեցաւ
խնդիր
եւ
առաջարկութիւն
ի
դիմաց
հոգեւորականաց
եւ
ժողովականաց
բնակելոց
ի
Տաճկաստան
ծրագիրը:
Գործին
քաջալերութիւն
տուողը
Ռուսահայոց
ընթացքն
էր,
որոնք
Տաճկաստանէ
ընտրած
էին
նոր
կաթողիկոսը,
եւ
Մայրաթոռոյ
եւ
ռուսական
կառավարութեան
կողմէ
պատուաւոր
հրաւիրակներ
եկած
էին
եւ
կատարելապէս
համակիր
վարմունք
ունէին:
Այդ
ամէնը
ծրագիրին
ճակատն
ալ
բացատրուած
էր,
որպէս
զի
յարաբերութիւն
մեր
ընդ
սրբոյ
աթոռոյն,
որ
առժամանակ
մի
դադարեալ
էր,
սկիզբն
առցէ
շարունակել
անընդմէջ
եւ
սերտանալ,
որպէս
եւ
էրն
կանխաւ:
Իսկ
առաջարկը
ուղղուած
էր
առ
Սուրբ
Սիւնհոդոսն
Արարատեան
Մայրաթոռոյ
Սուրբ
Էջմիածնի
(ԾԻԼ.
Ա.
221):
Ստորագրողներն
էին,
Գէորգ
պատրիարք,
Յակոբոս
նախորդ
պատրիարք,
Իսահակ
վարդապետ
Երուսաղէմի
փոխանորդ,
եւ
Հոգեւոր
ժողովոյ
անդամներէն
ութը
հոգի,
Սարգիս
եպիսկոպոս
Գույումճեան,
Յովհաննէս
Սէթեան,
Յարութիւն
Պօղոսեան,
ու
միւս
Յովհաննէս
վարդապետներ,
եւ
Երեմիա
Խասքէօյի,
Յովհաննէս
Սէլամիէի,
Յովհաննէս
Գումաքարուի,
եւ
Արիստակէս
Սամաթիոյ
աւագերէցներ:
Իսկ
գերագոյն
ժողովը
փոխանակ
ստորագրութեանց
ժողովական
կնիքն
էր
դրած
(ԾԻԼ.
Ա.
234):
Այդ
առաջարկը
զանազան
զրոյցներու
եւ
դիտողութեանց
առիթ
տուաւ,
որոնց
չանցած
կարեւոր
կը
սեպենք
պարունակութիւնը
վերլուծել:
Երկու
մասի
բաժնուած
է
առաջարկը.
առաջինն
ունի
Մայրաթոռին
վերաբերեալ
տասը
յօդուածներ,
եւ
երկրորդը
Երուսաղէմի
եւ
Կ.
Պոլսոյ
վերաբերեալ
վեց
յօդուածներ,
որոնք
են
Ա.
կաթողիկոսի
ընտրութիւնը
Պօլօժէնիէի
համաձայն
ընել:
Բ.
Սինոդը
12
անդամներով
կազմել,
6
Ռուսաստանէ,
4
Տաճկաստանէ,
1
Պարսկաստանէ
եւ
1
Մոլտովալաքիայէ
եւ
ուրիշ
գաղութներէ:
Գ.
Էջմիածին
փոխանորդ
եկեղեցական
մը
ունենայ
ի
Կ.
Պոլիս,
որ
տեղւոյն
յուզմունքներէ
հեռու
մնայ,
եւ
պատրիարք
չկարենայ
ընտրուիլ,
բայց
եթէ
պաշտօնը
լրանալէն
ետքը
երեք
տարի
Էջմիածին
մնացած
ըլլայ:
Դ.
Կաթողիկոսը
կարենայ
ընդհանուր
ժողով
գումարել
վասն
վերանորոգութեան
օրինաց
եւ
կանոնաց
եւ
աւանդութեանց
սահմանելոց
ի
նախնի
հարց
եւ
ժողովոց:
Ե.
Կաթողիկոսը
կրնայ
անհնազանդները
եւ
մոլորեալները
եւ
օրինաւոր
իշխանութեան
անսաստողները
պատժել:
Զ.
Կրնայ
եպիսկոպոսներ
ձեռնադրել
վիճակայնոց
հաճութեամբ,
եւ
Տաճկաստանի
համար
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքին
եւ
Երուսաղէմի
միաբանութեան
համար
Երուսաղէմի
պատրիարքին
վկայութեամբ:
Է.
Կրնայ
միւռոն
օրհնել
եւ
բաշխել
ընդ
ամենայն
եկեղեցիս
Հայոց:
Ը.
Կրնայ
Տաճկաստանի
եւ
ուրիշ
ամէն
տեղերու
համար
հոգեւորական
կալուածներու
պաշտպանութիւն
կատարել
առանց
միջամուխ
գոլոյ
վերակացութեան
նոցին
եւ
առանց
փոխադրելոյ
ըստ
հաճոյս:
Թ.
Կը
յանձնարարուի
յետ
ոչ
բազում
ժամանակաց
ընդհանուր
ժողով
մը
գումարել,
զի
զխափանեալն
վերածիցեն
յիւր
տեղի,
զպակասեալսն
լցուսցեն
եւ
զթիւրեալսն
ուղղեսցեն:
Ժ.
Կը
յանձնարարուի
եւս
որ
Էջմիածնի
մօտաւոր
վանքերէն
միոյն
մէջ
բարձրագոյն
ուսումնարան
մը
բացուի
եկեղեցականաց
համար:
Երկրորդ
մասին
յօդուածներն
ալ
հետեւեալներն
են:
Ա.
Երուսաղէմի
պատրիարքը
պիտի
ճանչցուի
ծայրագոյն
արքեպիսկոպոս
եւ
պատրիարք
աթոռոյ
Սրբոց
Յակոբեանց
ընդ
գերագոյն
հոգեւոր
իշխանութեամբ
մայրաթոռոյ:
Բ.
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքը
պիտի
ճանչցուի
ծայրագոյն
արքեպիսկոպոս
եւ
պատրիարք
ամենայն
Հայոց
բնակելոց
ի
Տաճկաստան,
ընդ
գերագոյն
իշխանութեամբ
Մայրաթոռոյ,
եւ
առաջնորդներ
կարգելոյ
եւ
յետս
կոչելոյ
իշխանութեամբ:
Գ.
Ասոյ,
Աղթամարայ,
Երուսաղէմի
եւ
Կ.
Պոլսոյ
գահակալներ
ի
նստել
յաթոռ
մատուսցեն
զհաւաստիս
մեծարանաց
առ
Մայրաթոռն,
եւ
միայն
ի
բանի
եւ
ի
դէպս
դժուարին
խնդրոց
Մայրաթոռոյ
դիմեն:
Դ.
Տաճկաստանի
եպիսկոպոսներ
միշտ
պիտի
դիմեն
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքին,
կրնան
անոր
դէմ
մայրաթոռոյ
բողոքել,
բայց
մայրաթոռն
ալ
նախապէս
բողոքը
պատրիարքին
պիտի
հաղորդէ,
եւ
ապա
մատիցէ
տալ
զարժանին
վճիռ:
Ե.
Սսոյ
եւ
Աղթամարայ
եւ
Երուսաղէմի
գահակալներուն
դէմ
գանգատներ,
նախ
Կ.
Պոլսոյ
Հոգեւոր
ժողովին
մէջ
պիտի
քննուին,
եւ
եթէ
խնդիրն
ոչ
լուծանիցի,
կրնան
դիմել
Մայրաթոռոյ,
որ
սակայն
նախապէս
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքէն
տեղեկութիւն
պիտի
ուզէ:
Զ.
Կը
յանձնարարուի
որ
Երուսաղէմի
պատրիարքը
Ս.
Յակոբայ
վանքէն
դուրս
ժառանգաւորաց
բարձրագոյն
ուսումնարան
բանայ:
Յօդուածներէն
վերջ
ընդարձակ
կերպով
կը
յայտարարուի,
որ
յօդուածները
վաւերացուելէն
ետքը
երեք
օրինակներ
գրուին
եւ
Էջմիածին,
Երուսաղէմ
ու
Կ.
Պոլիս
պահուին,
կաթողիկոսը
անոնց
գործադրութեան
գերագոյն
հսկողութիւն
ընէ,
եւ
եթէ
կաթողիկոսն
ալ
անոնց
դէմ
վարուի,
զայնպիսին
ոչ
ընդունի
եւ
ոչ
ճանաչէ
ազգն
իբրեւ
արժանաւոր
յաջորդ
լուսաւորչեան
աթոռոյ,
եւ
աթոռը
թափուր
նկատելով
կը
սպասէ
մինչեւ
յետ
մահուան
նորը
ընտրուի:
Առաջարկը
1859
մայիս
8
թուականը
կը
կրէ,
որ
է
ըսել
թէ
կազմուած
է
Մատթէոսի
Կ.
Պոլիս
գտնուած
վերջին
ամսուն
մէջ:
2697.
ԱՌԱՋԱՐԿԻՆ
ՔՆՆՈՒԹԻՒՆԸ
Այդ
առաջարկին
շուրջն
է,
որ
ահագին
փոթորիկ
մը
յարուցուեցաւ
ժամանակին
եւ
գործը
ընթացք
չունեցաւ,
անոր
մէջ
Հայ
եկեղեցւոյ
ապագային
մեծամեծ
վտանգներ
տեսնուելուն:
Մարկոս
Աղաբէգեանի
պատմութեամբ`
առաջարկը
նախապէս
ռուսերէն
պատրաստուեր
է
եւ
յետոյ
հայերէնի
վերածուեր
է,
զայն
առաջարկողը
եղեր
է
Լօրիս
Մելիքով
ռուսական
կառավարութենէ
ստացած
հրահանգին
համաձայն:
Գէորգ
պատրիարք
ռուսական
կառավարութենէ
շահուեր
է
զայն
քալեցնելու
համար:
Հոգեւոր
եւ
Գերագոյն
ժողովի
անդամներ
պարզմտութեամբ
խաբուեր
են,
հրաւիրակ
Մակար
եպիսկոպոսի
չէ
յանձնուեր
գրութիւնը,
Մատթէոս
կաթողիկոսն
ալ
Կ.
Պոլսոյ
մէջ
տեղեկութիւն
չէ
ունեցեր,
եւ
առաջարկին
բոլոր
նպատակն
է
եղեր
Հայ
եկեղեցին
սինոդին
յանձնել,
որ
կաշկանդուած
է
Պօլօժէնիով,
որպէսզի
կերպով
մը
քաղկեդոնականութիւնը
ընդունել
տրուի
Հայոց
եւ
Հայ
եկեղեցին
ջնջուի:
Առաջարկը
Լօրիսի
մօտ
գաղտնի
մնացեր
է
մինչեւ
Տփղիս
հասնելուն
եօթներորդ
օրը,
եւ
այն
ատեն
միայն
Մակարին
յանձնուեր
է
սինոդին
ներկայելու,
եւ
այդ
առթիւ
Մակար
եղեր
է
առաջին
անգամ
քաղկեդոնականութեան
վտանգը
յայտնողը:
Այդ
պատմութեան
արձագանգ
եղած
է
նաեւ
Մելքիսեդեկ
եպիսկոպոս
(ՄԵԼ.
607),
որ
այդ
անցքերու
ատեն
Տփղիսի
մէջ
Աղաբէգեանի
մտերիմներէն
Գարեգին
Մուրատեանն
էր,
եւ
գաղափարակիցներ
էին:
Մեր
տեսութեամբ
վիպասանական
ոճ
մը
կայ
այդ
պատմութեանց
մէջ
որ
անմիջապէս
աչքի
կը
զարնէ:
Եթէ
յօդուածներէն
առաջինը
Պօլօժէնիէի
համակերպիլ
կը
պարունակէ,
այն
ալ
պարզապէս
ընտրութեան
մասին
ըսուած
է
եւ
ոչ
վարչութեան,
եւ
արդէն
երկրորդ
յօդուածը
որ
սինոդականները
12-ի
կը
բարձրացնէ
եւ
կէսառկէս
օտարահպատակներ
կ՚ընդունի,
բնաւ
չէր
կրնար
ռուսական
կառավարութենէ
ներշնչուիլ:
Ընդհանուր
ժողովի
առաջարկն
ալ
եւ
անոր
վերապահուած
գործեր,
նմանապէս
ռուսական
կառավարութեան
հաճելի
չէին
կրնար
ըլլալ:
Նախնի
կանոնաց
եւ
օրինաց
վրայ
պնդելը`
նորութիւնները
կանխաւ
կը
մերժէ.
դաւանութեան
մասին
բնաւ
ակնարկ
չկայ,
իսկ
վերջաբանին
մէջ
կաթողիկոսը
չճանչնալու
սպառնալիքը
բոլորովին
հակառակ
է
ռուսական
տեսութեանց:
Նոյն
իսկ
խնդիր
եւ
առաջարկութիւն
անունը`
որոշման
գաղափարը
կը
հեռացնէ
եւ
վերջը
Սահմանադրութիւն
կոչուիլը
երկու
կողմերու
հաւանութեամբ
վաւերացուելիք
ձեւին
կը
պատկանի,
եւ
ոչ
նախնական
առաջարկին:
Այսուհանդերձ
որովհետեւ
նորութիւն
մըն
էր
յարաբերութիւնները
որոշման
մը
ենթարկելը
եւ
որովհետեւ
առաջարկը
ուրիշ
աթոռներու
ընդարձակութիւններ
կը
պարունակէր,
իրաւամբ
կրնային
Ղուկաս
եւ
Մակար
եւ
ուրիշ
սինոդականներ
հակառակ
ըլլալ,
թէպէտ
Աղաբէգեան
իսկ
տեղ
մը
Մակարը
Լօրիսին
կամակից
կը
ցուցնէ
(ԾԻԼ.
Ա.
213),
եւ
հնար
չէ
որ
գոնէ
ստորագրող
քահանաներ
ըրածնին
Մակարէ
գաղտնի
պահած
ըլլան:
Իսկ
քաղկեդոնականութեան
վտանգը
ճարտար
դարձուածք
մը
կը
կարծենք
միտքերը
պղտորելու,
ինչպէս
ռուսահայոց
մէջ
ցրուած
ծանօթութիւններ
թերթը
կը
մատնանշէ
(ԾԻԼ.
Ա.
237-241),
որուն
մասին
հարկ
սեպած
են
բողոքել
Գերագոյն
ժողովոյ
անդամներէն
Յովհաննէս
եւ
Պօղոս
Տատեան,
Կարապետ
Պալեան
եւ
Գէորգ
Երամեան
1860
ապրիլ
27-ին
Լօրիսի
ուղղած
նամակով
(ԾԻԼ.
Ա.
242-245):
Աղաբէգեանի
պատմութեամբ
Մատթէոսն
ալ
ռուսական
կառավարութեան
գործիք
եղած
կ՚ըլլայ,
եւ
իր
թելադրութեամբ
այդ
քաղաքէն
հեռացած,
բայց
միանգամայն
զինքն
ալ
իր
քովէն
հեռացուցած,
որոնք
այնպիսի
պարագաներ
են
որ
Աղաբէգեանի
կարծիքէն
աւելի
ուրիշ
փաստեր
կը
պահանջեն
իբրեւ
պատմական
եղելութիւն
ընդունելու
համար:
Ամէն
առիթի
մէջ
ստոյգ
է
թէ
առաջարկը
ընթացք
չունեցաւ,
եւ
չենք
ալ
գիտեր
թէ
ոflւր
մնաց,
եւ
թէ
որոflնք
են
այն
աչալուրջ
ազգայինները,
որոնց
խորամտութեամբ
գործը
կը
խափանուի
(ՄԵԼ.
607):
Ուստի
այսչափ
ինչ
բաւական
կը
սեպենք
այս
մասին,
եւ
կը
շարունակենք
Մատթէոսի
դէպ
Էջմիածին
ուղեւորութիւնը
պատմել:
2698.
ՄԱՏԹԷՈՍ
ՅԷՋՄԻԱԾԻՆ
Կ.
Պոլսոյ
մէջ
կատարուած
ուրախական
եւ
պատուասիրական
ցոյցերէն
աւելին
կատարուեցաւ
Ռուսահայոց
քաղաքներուն
մէջ:
Կաթողիկոսն
ու
հրաւիրակները
ու
հետեւորդները
տանող
շոգենաւը
երեքօրեայ
յաջող
նաւարկութեամբ
1856
յունիս
5-ին
հասաւ
Պաթի,
գետաբերանի
նաւահանգիստը,
ուր
կը
հանդիպին
Այվազովսքիի,
եւ
հակառակ
հողմին
պատճառով,
միւս
օր
6-ին
փոքրիկ
շոգենաւով
գետն
ի
վեր
կը
նաւարկեն
մինչեւ
Փօթի,
ուր
դիմաւորելու
եկած
էին
Սարգիս
եպիսկոպոս
Ջալալեան
իբր
Տփղիսի
առաջնորդ
պատշաճ
հետեւորդներով:
Ամսուն
7-ին
Փօթիէ
կը
նաւարկեն
միշտ
Ռիօն
գետն
ի
վեր
մինչեւ
Մաւան,
անկէ
ետքը
կառքերով
կ՚ուղեւորին
եւ
կաթողիկոսն
Թէոդորեանը
կ՚առնու
միշտ
իրեն
կառքի
ընկեր,
յունիս
8-ին
կը
հասնին
Քութայիս,
ուր
կը
մնան
երկու
օր,
օր
մըն
ալ
Սուրա,
եւ
հետզհետէ
Կօրի
ու
Մծխիթա
հանդիպելով
եւ
ամէն
քաղաքներու
մէջ
հանդիսական
ընդունելութիւն
գտնելով
յունիս
14-ին
Կաթողիկէ
Էջմիածնի
կիրակիին
(ԱՅՑ.
3)
կը
հասնին
Տփղիս:
Բոլոր
քաղաքը
դղրդած
եւ
անցնելիք
փողոցներուն
վրայ
խռնած
էր,
որոնց
մէջէն
անցնելով
հասաւ
Վանքի
մայր
եկեղեցին,
եւ
բեմ
բարձրանալով
օրհնեց
Ռուսաց
կայսրը,
եւ
կայսերազունները
եւ
պաշտօնակալները,
եւ
Տփղիսի
եւ
ընդհանուր
Ռուսահայոց
եկեղեցական
դասը
եւ
աշխարհական
ժողովուրդը:
Նոյն
գիշեր
ոչ
միայն
առաջնորդարանին
այլ
եւ
բոլոր
քաղաքին
մէջ
լուսավառութիւններ
կատարուեցան,
եւ
միւս
օր
յունիս
15-ին
երկուշաբթի,
փոխարքայական
պալատան
մէջ
մեծահանդէս
շքեղութեամբ
կայսերական
հրովարտակը
կարդացուեցաւ
եւ
յանձնուեցաւ
եւ
ականակուռ
շքանշանով
պատուուեցաւ
(ԱՅՑ.
3):
Յունիս
16-ին
երեքշաբթի
հանդիսաւոր
կերպով
այցելեց
Ներսիսեան
ուսումնարանը,
ունկնդրեց
Յակոբ
Կարէնեանց
հայկաբանին
ընդարձակ
ճառախօսութեանց
(ԱՅՑ.
6-16)
ազգային
կեանքի
եւ
միութեան
վրայ,
որուն
պատասխանեց`
օրհնելով
հանգուցեալ
Ներսէսի
յիշատակը,
եւ
կոչելով
զնա
այր
հաւասար
Ներսիսի
Շնորհալւոյ
(ԱՅՑ.
17),
աչքէ
անցուց
ցուցակները,
քննեց
աշակերտները,
պտտեցաւ
դասարանները,
եւ
ննջարանը,
եւ
սեղանատուն
ալ
իջաւ
տղայոց
ճաշի
ատենը
եւ
գոհ
սիրտով
մեկնեցաւ
(ԱՅՑ.
18):
Յունիս
17-ին
փոխարքայական
տեղակալը
այցելութիւն
տուաւ,
եւ
տասն
օրեր
եւս
շարունակ
հանդէսներ
կատարուեցան,
եկեղեցական
արարողութիւններ
եւ
այցելութիւններ
եւ
ընդունելութիւններ,
մինչեւ
որ
հասնելէն
երկու
շաբաթ
ետքը
յունիս
29-ին
Տփղիսէ
մեկնեցաւ,
հասնելուն
օրուան
նման
հանդիսական
ցոյցերով:
Ճանապարհին
ուր
որ
հանդիպեցաւ
անպակաս
եղան
ժողովրդական
արտայայտութիւններ
մինչեւ
Քանաքեռ
գիւղը,
ուր
նորընտիրը
դիմաւորեցին
տեղապահ
Ղուկաս
արքեպիսկոպոս
եւ
Երեւանի
նահանգապետը
եւ
Պարսից
դենպետը
պաշտօնական
խումբերով,
եւ
դարձեալ
փառաւոր
ցոյցերով
մտաւ
Երեւան,
ուր
կրկնուեցան
եկեղեցական
հանդէսներ,
լուսավառութիւններ,
այցելութիւններ,
ընդունելութիւններ
եւ
հացկերոյթներ
(ՊԷՐ.
381-382):
Երեք
օր
ալ
Երեւան
մնալով
յուլիս
7-ին
երեքշաբթի
Էջմիածին
կը
մտնէ
(ԶԱՄ.
Բ.
165):
Դարձեալ
եկեղեցական
հանդէսներ,
լուսավառութիւններ
չորս
եկեղեցիներու
վրայ
եւ
ընդունելութիւններ:
Յուլիս
8-ին
միաբանութիւնն
ամբողջ
պաշտօնապէս
կ՚ընծայէ
զհամբոյր
հնազանդութեան,
8
եպիսկոպոսներ,
24
վարդապետներ
եւ
20
սարկաւագներ
ու
դպիրներ,
եւ
յուլիս
18-ին
Վարդավառի
նախատօնակին
Իջման
սեղանին
առջեւ
նորընտիրը
կ՚արտասանէ
պետական
հաւատարմութեան
երդումը:
Իսկ
օծման
հանդէսը
կը
յետաձգուի
Էջմիածնի
տօթէն
կաթողիկոսի
հիւանդանալուն
պատճառով,
այնպէս
որ
կ՚ուզէ
մինչեւ
հոկտեմբեր
յետաձգել,
եւ
Թէոդորեանն
ալ
Տփղիս
կը
դառնայ,
նոյնպէս
հանդէսի
եկողներէն
շատեր.
բայց
յանկարծական
որոշմամբ
մը
օգոստոս
15-ին
Շողակաթի
յիշատակի
հանդիսաւոր
տօնին
օծումը
կը
կատարուի
առանց
պատարագելոյ
եւ
առանձինն,
չգտանելով
յեկեղեցւոջ
եւ
ոչ
ոմանց
ի
ժողովրդոց,
ինչպէս
Թէոդորեան
կը
վկայէ
(ԹՈԴ.
Դ.
202),
թէպէտ
Պէրպէրեան
ականատես
զմայլած
կը
գրէ.
հանդէս
հրաշալի,
զոր
չէ
մարթ
ընդ
գրով
արկանել
(ՊԷՐ.
383),
բայց
կ՚&երեւի
թէ
լոկ
արարողական
ձեւերուն
կ՚ակնարկէ:
Հետզհետէ
կատարուեցան
պաշտօնական
գործողութիւններ,
ինչպէս
են
անդրանիկ
օրհնութեան
կոնդակին
խմբագրութիւնը
եւ
տպագրութիւնը
եւ
աշխարհիս
ամէն
կողմեր
առաքումը
ուր
ուրեք
որ
հայ
բնակիչներ
կը
գտնուին:
Նմանապէս
արժանաւորներու
եւ
կանխաւ
իրեն
հետ
գտնուողներու
շնորհաբաշխութիւններ
ըրաւ,
եպիսկոպոսական
պանակէներով,
վարդապետական
եւ
քահանայական
լանջախաչերով,
կայսեր
ալ
պարտուպատշաճ
յայտարարութեանց
հաւաստիքներ
հասուց,
միանգամայն
պետական
շքանշաններու
ալ
առաջարկներ
մատուց:
Եւ
այսպէս
փակուեցաւ
նոր
կաթողիկոսին
գահակալութեան
միջոցը,
որ
1858-ի
ընտրութեան
օրէն
մինչեւ
1859
օգոստոսի
վերջերը`
իբր
15
ամիսներու
միջոց
մը
տեւեց,
իսկ
աթոռոյ
պարապութեան
միջոցը
1857
փետրուարէն
սկսելով
երկուք
ու
կէս
տարւոյ
տեւողութիւն
ունեցաւ,
որուն
պատճառ
տուած
է
գլխաւորապէս
Պօլօժէնիէի
կարգադրութիւնը
ինչպէս
դիտեցինք
(§
2523):
2699.
ՄԱՏԹԷՈՍԻ
ՆԿԱՐԱԳԻՐԸ
Մատթէոս
իր
պատրիարքութեան
օրէն
իբրեւ
գործունեայ
մարդ
ճանչցուած,
կաթողիկոսութեան
սկիզբն
ալ
նոյն
կերպով
գործելու
նախաձեռնութիւնն
ունեցաւ,
եւ
իր
օծման
յաջորդ
օրէն
հրաման
արձակեց
բանալ
Մայր
տաճարի
գմբէթին
պատուհանները,
որոնք
1853-ին
հիւսուած
էին,
իբր
նախազգուշական
միջոց
Տաճկահայաստանի
սահմանագլուխէն
վախցուած
արշաւանքներու
հանդէպ,
եւ
այնպէս
մնացած
էին
Ներսէսի
վերջին
օրերը,
եւ
աթոռոյ
պարապութեան
ատենն
ալ
տեղակալութիւնը
չէր
համարձակած
բանալ
տալ:
Իբրեւ
ուսումնական
անձ,
մտադրութիւն
դարձուց
թէ
աթոռոյ
ժառանգաւորաց
վարժարանին
եւ
թէ
Վաղարշապատի
ծխական
վարժարանին
վրայ,
եւ
ինչ
ինչ
բարեկարգական
կարգադրութիւններ
հրամայեց:
Աւելի
համակրելի
դարձաւ
միաբաններուն
կենցաղական
պէտքերուն
վրայ
դարձուցած
մտադրութեամբը,
սեղանի
կերակուրներուն
աստիճանը
լաւացնելով,
եւ
իւրաքանչիւր
վանականի
զգեստին,
մոմին,
փայտին,
ածուխին
եւ
ուրիշ
անձնական
պէտքերուն
բաշխումներ
կամ
յաւելուածներ
սահմանելով
(ՊԷՐ.
383):
Բայց
շուտով
սկսաւ
նա
դժուարութեանց
բաղխիլ
իրեն
ըմբռնումներուն
եւ
ձգտումներուն
համաձայն
չգտնելով
կաթողիկոսական
աթոռին
վարչական
ձեւը
եւ
Պօլօժէնիէի
գծած
կանոնները:
Մենք
արդէն
պատրիարքութեան
ատենէն
տեսանք
զինքն,
որ
իր
աղիկամի
եւ
ինքնահաւան
եւ
յամառ
ձեռներէցութեամբ
նոյն
իսկ
Կ.
Պոլսոյ
ժողովականներուն
անտանելի
դարձած
էր,
եւ
ստիպմամբ
խլեր
էին
իրմէ
իր
հրաժարականը
(§
2632):
Դիւրահասկնալի
էր
որ
նոյն
իսկ
առանց
ներքին
կանոնագիրի
եւ
առանց
որոշեալ
ձեւակերպութեանց
ժողովի
մը
կապերուն
չհամակերպող
անձ
մը,
դժուարաւ
պիտի
կարենար
Պօլօժէնիէի
կազմած
դրութեան
յարմարիլ,
որուն
մէջ
ամէն
բան
ձեւակերպութիւններու
եւ
պայմաններու
ենթարկուած
է,
եւ
թէպէտ
կաթողիկոսին
ընդարձակ
իրաւասութիւն
եւ
պետական
օժանդակութիւն
խոստացուած
է,
սակայն
իրաւասութեան
գործադրութիւնն
իսկ
բացարձակ
դատողութեան
եւ
որոշողութեան
յանձնուած
չէ:
Մատթէոս
շուտով
ինքզինքը
կապուած
եւ
կաշկանդուած
զգաց
Ռուսահայոց
եւ
Մայրաթոռոյ
մէջ
տիրող
պետութեան
ազդեցութեամբ
գոյացած
ձեւակերպութիւններէն,
եւ
այդ
զգացմանց
ներքեւ
գրեթէ
կորսնցուց
ինչ
որ
էր,
եւ
չստացաւ
ինչ
որ
պէտք
էր
դառնար
նոր
շրջանակին
մէջ:
Նա
մինչեւ
իսկ
իրեն
օրինաւոր
նկատած
էր,
չըսենք
անտեղի,
գոնէ
անպատեհ
կերպերով
ալ
իր
ինքնութիւնը
արտայայտել,
ինչ
որ
առջի
վայրկեանէն
հրաւիրակներուն
ալ
աչքին
զարկած
էր,
եւ
Մակար
եպիսկոպոս
եւ
Լօրիս
Մելիքով
զօրավար
յուսախաբութեան
տպաւորութիւն
զգացած
էին
Մատթէոսի
հետ
քանի
մը
տեսակցութենէն
ետքը,
եւ
այդ
տպաւորութիւնը
մինչեւ
վերջն
ալ
մնաց,
այնպէս
որ
հակառակ
ինչ
ինչ
արդիւնաւոր
եւ
օգտակար
ձեռնարկներու,
զորս
պիտի
յիշենք,
համբաւ
մը
չկազմուեցաւ
Մատթէոսի
անունին
շուրջը:
Թէոդորեան,
որ
կաթողիկոսին
հետ
մէկտեղ
էր,
եւ
որուն
գնահատումները
վստահելի
են,
զանազան
դէպքեր
կը
յիշատակէ,
որոնց
մէջ
տարօրինակ
տեսութիւններ
կը
յայտնէ
Մատթէոսէ
բղխած,
զոր
օրինակ,
գրադարանի
կազմութիւնը
աւելորդ,
եւ
դիւանական
գրութիւնները
անպիտան
համարել
(ԹՈԴ.
Դ.
176-177),
եւ
այլ
նմանօրինակ
գաղափարներ:
Դիպուածական
պարագայ
մը
եւս
քանզեւս
շեշտեց
Մատթէոսի
ունեցած
ներքին
զգացումը
եւ
շրջանակին
վրայ
տիրած
տպաւորութիւնը:
Հասնելէն
հազիւ
յետ
վեցից
ամսոց,
1860
տարւոյ
առաջին
ամիսներու
մէջ,
թէ
օդի
եւ
թէ
կենցաղի
փոփոխութեամբ,
տենդ
առօրեայ
եւ
բորբոք
թանչից
սկսան
զինքը
նեղել,
եւ
միտքը
դրաւ
օդափոխութեան
աղագաւ
գնալ
ի
Կոստանդնուպոլիս,
եւ
այդ
նպատակով
խնդրեաց
հրաման
ի
կայսերէն,
բայց
կայսրը
ոչ
ետ
հրաման
(ՊԷՐ.
384):
Իրօք
ալ
խոհական
առաջարկ
չէր
առաջին
անգամ
Տաճկաստանէ
եկող
կաթողիկոսի
մը,
միայն
վեց
ամիս
ետքը
Տաճկաստան
դառնալու
խնդրանքը,
որուն
զլացուիլը
ակնյայտնի
էր
քաղաքական
տեսակէտէն,
եւ
իրաւամբ
կրնար
խնդրարկուին
վրայ
կամ
անուղղամիտի
կասկածը
հրաւիրել
եթէ
կշռադատութեամբ
կը
գործէր,
կամ
թէ
թեթեւամիտի
կասկածը
զարթուցանել
եթէ
առանց
կշռադատութեան
կը
գործէր:
Մատթէոս
իր
ակնկալութենէն
վրիպած
հեռացոյց
յիւրմէ
զբարեկամս
իւր,
այսինքն
Կ.
Պոլիսէ
եկողները
ետ
դարձուց,
եւ
առանձնացեալ
ի
սենեկի
իւրում
ոչ
կամէր
լսել
յումեքէ
բանս
մխիթարութեան,
մինչեւ
իսկ
սկսաւ
ողբալ
զծերութիւն
իւր,
թէպէտ
58
տարեկան
էր
տակաւին,
աւաղել
կաթողիկոսական
ընտրութիւնն
ու
յանձնառութիւնը,
եւ
ոչինչ
իմիք
այնպէս
ցանկալ
որպէս
մահու,
ինչպէս
համարձակօրէն
կը
վկայէ
Պէրպէրեան
(ՊԷՐ.
384),
որ
միատեղ
եկող
գլխաւոր
մտերիմն
էր,
եւ
որ
չկարենալով
օգտակար
դեր
մը
վարել,
Կ.
Պոլիս
դարձաւ
եւ
Մատթէոսէ
բաժնուեցաւ,
եւ
կարծես
թէ
ինքն
ալ
յուսախաբութեան
ենթարկուելով`
այստեղ
կը
փակէ
իր
պատմութիւնը,
եւ
Մատթէոսի
մնացորդ
կեանքը
չի
պատմեր,
թէպէտ
մահուանէ
վեց
տարի
ետքը
հրատարակած
է
իր
գործը:
2700.
ՀԱՅԿԱԶՆԵԱՆԻ
ՓԱԿՈՒԻԼԸ
Հայկազնեան
վարժարանի
գործն
ալ
այդ
շփոթ
ուղղութեանց
մատնուեցաւ,
եւ
վերջապէս
վարժարանը
փակուեցաւ:
Թէոդորեան,
որ
ամէն
ճիգ
թափելէ
ետքը
այդ
դժբախտ
վերջաւորութիւնը
արձանագրել
կը
պատրաստուի,
կը
ջանայ
պատասխանատուութիւնը
ասոր
անոր
վրայ
ծանրացնել,
եւ
նոյն
իսկ
իր
գործակիցներուն
ալ
չխնայեր
եւ
անոնք
ալ
կը
մեղադրէ:
Երկարաբան
զննութեանց
պէտք
էինք
մտնել,
եթէ
բոլոր
իր
յառաջ
բերած
թղթակցութիւնները
վերլուծել
եւ
ձեռնարկները
քննութեան
ենթարկել
ուզէինք
(ԹՈԴ.
Դ.
183-344):
Թէոդորեան
իր
տեսութեամբ
կը
մեղադրէ
Տաճկահայերը,
եւ
մասնաւորաբար
Կ.
Պոլսեցի
ունեւորները,
որ
իրենց
կարողութիւնը
չեն
տրամադրած
Հայկազնեան
վարժարանի
պահպանութեան,
մինչ
առատ
ծախսեր
ըրած
են
ուրիշ
նպատակներու
եւ
յատկապէս
կաթողիկոսական
հրաւիրակներու
պատուասիրութեան
համար:
Կը
մեղադրէ
Ռուսահայերը,
որոնց
դիմում
եղաւ
գործին
ձախողելու
պարագային,
որոնք
եթէ
անցեալ
պարտքերը
չեն
վճարած,
գոնէ
ապագան
ապահովելու
բաւական
դրամագլուխ
չեն
կազմած:
Կը
մեղադրէ
Մատթէոս
կաթողիկոսը,
որ
խօսքով
խոստումներ
շռայլելէ
եւ
քաջալերութիւններ
տալէ
ետքը,
գործնական
միջոցներ
ձեռք
չէ
առած
անոնք
իրականացնելու:
Կը
մեղադրէ
Գաբրիէլ
վարդապետ
Այվազովսքին,
որ
կանուխ
իրմէ
բաժնուելով
առաջնորդական
պաշտօն
է
ստանձնած,
Խալիբեանի
բարերարութեամբ
վարժարան
է
բացած,
եւ
նոյն
իսկ
Գալֆայեանները
հրապուրած
է
իր
նոր
բացած
վարժարանին
մէջ
աշխատելու:
Կը
մեղադրէ
Ամբրոսիոս
Գալֆայեանը,
որ
իր
մատակարարութեան
յանձնուած
եւ
վարժարանին
յատկացուած
գումարները
անհաւատարմաբար
մատակարարած,
եւ
գործածած
է
առատ
ծախուց
աղքատ
տան
հօրն
(ԹՈԴ.
Դ.
352):
Կը
մեղադրէ
Խորէն
Գալֆայեանը
որ
լրջութենէ
զուրկ
եւ
թեթեւութեանց
հետամուտ,
իր
կենցաղով
գործին
վնասած
է:
Վարժարանը
փակուած
է
1859
աշնան,
զի
նոյեմբեր
15-ի
նամակին
մէջ
կը
յիշէ
Խորէն
թէ
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքէն
հրաման
եկած
է
փակելոյ
զվարժարանն,
եւ
Ամբրոսիոսի
Կ.
Պոլիս
գալու
եւ
յարդարել
անդ
ընդ
Գերագոյն
Ժողովոյ
զիրս
վարժարանին
(ԹՈԴ.
Դ.
273),
զի
60,
000
ֆրանքի
պարտքեր
կային
տակաւին,
թէպէտ
երկու
տարուան
մէջ
200,
000
ծախսած
էին
(ԹՈԴ.
Դ.
344):
Ռուսահայոց
կողմէ
մասնաւոր
նուիրատուութիւններ
եղած
էին
(ԹՈԴ.
Դ.
340),
եւ
Տփղիսցիք
60
ստորագրութեամբ
կաթողիկոսին
դիմած
էին
Հայկազնեանը
վտանգէ
փրկել
(ԹՈԴ.
Դ.
250-254),
բայց
ասոնք
բաւական
եղած
չէին
վտանգին
առջեւն
առնել:
Սակայն
անաչառ
ըլլալու
համար
պէտք
չէ
լռենք,
թէ
Մատթէոս
իրաւամբ
դիտել
տուած
է
թէ
ի
սկզբանէ
առանց
մեծահանճար
տնօրէնութեան
եւ
նախատեսութեան
մխեցան
անխոհեմ
բերմամբ
որք
մխեցանն
(ԹՈԴ.
Դ.
221),
եւ
Հայկազնեանի
հիմնարկութեան
Թէոդորեան
ինքն
մխուեցաւ
իր
երկու
ընկերներով,
Մուրատեանէ
արտաքսուելէն
զայրացած,
առանց
առաջուց
ապահովելու
պահպանութեան
միջոցները,
պարզ
ակնկալութեամբ
մը
որ
բոլոր
հայութիւնն
ալ
պիտի
զգար
իրեն
զգացած
ցասումը
Մխիթարեանց
դէմ,
եւ
բոլոր
քսակները
իր
տրամադրութեան
ներքեւ
պիտի
դրուին:
Մանաւանդ
որ
մեծ
հրապոյր
մը
չէր
ներշնչեր,
հեռաւոր
Եւրոպայի
մէջ
նախակրթութեան
չափով
ուսում
տալու
ծրագիրը:
Ամէն
գործին
պատասխանատուութիւնը
իր
հեղինակին
կը
պատկանի,
եւ
Թէոդորեանն
ալ
պէտք
չէ
խուսափի
իր
ստանձնած
պատասխանատուութենէն,
ջանալով
բոլոր
բեռը
ուրիշին
վրայ
ծանրացնել:
Արդէն
Մուրատեանէ
վտարուելուն
առթիւ
ալ
դիտել
տուինք,
թէ
ինքն
էր
որ
Մուրատեան
կտակին
բացարձակ
տիրապետութիւնը
Մխիթարեան
միաբանութեան
փոխանցած
էր,
որուն
հետեւանքը
կը
կրէր
Հիւրմիւզեան
տկարամիտ
քաղաքականութենէն
(§
1570):
Նոյնը
պիտի
կրկնենք
երբոր
կը
տեսնենք
որ
իր
աւազի
վրայ
հիմնած
շէնքը
փորձանաց
առաջին
փոթորիկի
առջեւ
կը
քայքայուի:
Կը
ճանչնանք
թէ
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքարանն
ու
մեծամեծներ
շատ
քաջալերեցին
Թէոդորեանը
իր
տկար
ձեռնարկին
մէջ,
եւ
շատ
առատացուցին
իրենց
խոստումները
(§
2672),
բայց
ինչ
ալ
ըլլան
Կ.
Պոլսոյ
վարչական
կամ
ժողովրդական
քայլերուն
ազդեցութիւնը
եւ
հետեւանքը,
միշտ
Թէոդորեանի
պատկանող
պատասխանատուութիւնը
կը
մնայ,
եւ
չի
կրնար
ազատ
կերպով
հիմնարկութեան
փառքն
իրեն
պահելով`
կործանման
պատասխանատուութիւնը
իրմէ
հեռացնել:
Երբոր
ամէն
յուսադրութիւնք
կը
սպառին`
Վարժարանը
կը
փակուի
Փարիզի
մէջ,
եւ
Խորէն
կը
փութայ
փոխադրուիլ
Թէոդոսիոյ
Խալիբեան
վարժարանը
(ԹՈԴ.
Դ.
333),
Թէոդորեան
տասն
ամիսներ
Տփղիս
եւ
Էջմիածին
թափառելէն
ետքը
(ԹՈԴ.
Դ.
336),
Կովկաս
մնալու
առաջարկը
եւ
եպիսկոպոսութեան
եւ
առաջնորդութեան
խոստումները
մերժելով
(ԹՈԴ.
Դ.
319),
1860
յունիս
10-ին
Տփղիսէ
կը
մեկնի
Ռոմանոս
Նատիրեանի
ընկերակցութեամբ
եւ
ծախքով,
17-ին
կը
մեկնի
Տրապիզոնէ,
27-ին
Կ.
Պոլիսէ,
յուլիս
4-ին
Մարսիլիայէ,
եւ
5-ին
երեկոյին
կը
հասնի
Փարիզ,
ուր
կը
գտնուէր
տակաւին
Ամբրոսիոս,
եւ
անմիջապէս
կը
սկսին
երկուքին
մէջ
հակառակութիւնք
եւ
հակաճառութիւնք,
այնպէս
որ
Թէոդորեան
իր
խօսքով,
տեսեալ
զյանդգնութիւն
եւ
զժպրհութիւն
եւ
զանզգամութիւն
Ամբրոսիոսի
ի
ծայր
հասեալ,
յանդիմանէ
եւ
խայտառակէ
զնա
(ԹՈԴ.
Դ.
351):
Այդ
եղելութեանց
մէջ
ինչ
որ
Մատթէոսի
կը
պատկանի
խոստումներուն
մէջ
առատանալով
գործադրութեան
մէջ
տկարանալն
է,
ինչչափ
որ
պէտք
էր
չհոգալով
եւ
չաշխատելով
Թէոդորեանի
դատողութեան
համեմատ:
Մատթէոսի
կաթողիկոսութեան
մնացորդ
պատմութիւնը
ընդհատելով
կ՚անցնինք
ժամանակակից
ուրիշ
եղելութիւնները
քաղել:
2701.
ՍԵՐՎԻՉԷՆ
ՅԵՐՈՒՍԱՂԷՄ
Առաջ
կ՚անցունենք
Երուսաղէմի
աթոռը,
որուն
վրայ
կը
գտնուէր
Յովհաննէս
Մովսէսեան
Զմիւռնացին,
եւ
արդէն
իր
գործունէութեան
գլխաւոր
ընթացքը
լրացուցած
(§
2635-2654),
անձամբ
ալ
տկարացած
եւ
մանաւանդ
հակառակութեանց
հանդիպելէն
նեղացած,
իր
վերջին
օրերուն
մէջն
էր,
որոնց
պատահարներէն
կը
մնայ
յիշել
աղէտալի
կոտորածը.
որ
տեղի
ունեցաւ
1860-ին,
նախ
մոլեգնեալ
Տիւրզիներու
կողմէ
Լիբանանի
մէջ,
հարուստ
գիւղեր
աւարելով,
10,
000
մարդ
կոտորելով,
եւ
անոնց
հետեւողութեամբ
կատաղի
Արաբացւոց
կողմէ
Դամասկոսի
եւ
Սիւրիոյ
մէջ
անխնայ
սպանելով
5,
000-է
աւելի
քրիստոնեաներ,
վանքեր
եւ
եկեղեցիներ
կործանելով,
տուներ
այրելով,
եւ
ամենայն
ինչ
աւերի
եւ
աւարի
մատնելով:
Թէպէտ
օսմանեան
կառավարութիւնը
փութաց
աղէտին
առջեւն
առնուլ,
բայց
Գաղղիա
ալ
իսկոյն
միջամտեց,
Անգղիացւոց
թեւարկութեամբ,
եւ
բանակ
ցամաք
հանեց
ապստամբները
զսպելու:
Ֆուատ
փաշա
լիազօր
իշխանութեամբ
Կ.
Պոլիսէ
գալով,
սկսաւ
յանցաւորները
պատուհասել,
Դամասկոսի
քաղաքապետէն
եւ
հրամանատարէն
սկսելով,
աւարները
թափել
եւ
տէրերուն
դարձնել
եւ
վնասները
հատուցանել:
Այս
առթիւ
կազմուեցաւ
Լիբանանի
համար
յատուկ
կառավարչութիւն
մը
ինչ
ինչ
արտօնութիւններով
եւ
եւրոպական
տէրութեանց
համերաշխ
հովանաւորութեան
ներքեւ,
եւ
առաջին
կառավարիչ
անուանուեցաւ
Անտոն
Կարապետ
Տավութեան,
ծանօթ
Տավութ
փաշայն:
Հայոց
վերաբերեալ
յատուկ
պարագաներն
են,
Դամասկոսի
Ս.
Սարգիս
եկեղեցւոյն
եւ
վանքին
հիմնայատակ
կործանումը,
Վանեցի
Գաբրիէլ
տեսուչ
վարդապետին
մազապուր
մահուանէ
ազատուիլը,
եւ
հայաբնակութեան
ալ
կորուստներու
եւ
աղէտներու
ենթարկուիլը:
Պետական
պաշտօնէութեան
ձեռօք
եկեղեցին
միայն
հնար
եղաւ
վերականգնել,
իսկ
վանքին
վերաշինութիւնը
անագան
կատարուեցաւ:
Նշանակելի
է
նաեւ
բժիշկ
Սերվիչէն
էֆէնտիի
Երուսաղէմ
գալը,
որ
Ֆուատ
փաշայի
հետեւորդ
պաշտօնակալներուն
թիւէն
էր,
եւ
փաշայի
որդւոյն
հետ
Երուսաղէմ
ալ
այցելեց,
ազգային
պատրիարքարանի
կողմէն
ալ
յատուկ
յանձնարարութեամբ
(ԱՍՏ.
Բ.
549):
Այդ
միջոցին
կը
յուզուէր
Փարիզի
Հայկազնեան
Վարժարանին
խնդիրը,
որ
փակուելու
վտանգին
հանդիպած
էր
պարտքերու
շատութեան
եւ
միջոցներու
պակասութեան
երեսէն,
ինչպէս
պատմած
ենք
(§
2694-2700):
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքարանը
պարտքերուն
դարման
գտնելու
մտադիր,
Սերվիչէնի
յանձնարարած
էր
ճեմարանի
120,
000
տարեկան
գումարին
հնգամեայն,
600,
000
դահեկան,
մէկ
անգամէ
Երուսաղէմէ
գանձել,
եւ
այդ
գումարով
Հայկազնեան
վարժարանի
պատիւը
ապահովել:
Յովհաննէս
պատրիարք
բնաւ
չէր
յօժարէր
այդ
կանխավճարն
ընել,
բայց
եւ
իսկոյն
բացարձակ
ժխտում
ալ
յայտնել
չուզելով
սնտուկին
անբաւականութիւնը
պատճառեց,
եւ
առաջիկայ
զատկական
ուխտաւորութեան
վերջանալէն
յետոյ
գործը
նկատի
առնելու
խոստումով
դատարկաձեռն
դարձուց
Սերվիչէնը,
մանաւանդ
որ
Հայկազնեանն
ալ
արդէն
փակուած
էր
(§
2700):
Ամէն
առթի
մէջ
Յովհաննէսի
ընթացքը
յայտնի
էր
եւ
Կ.
Պոլսոյ
վարչութիւնը
լաւ
զգաց
Երուսաղէմի
միաբանութեան
միտքը,
յիշելով
քանի
տարի
առաջ
տեղի
ունեցած
միջադէպը
(§
2658),
բայց
մինչեւ
որ
պատրաստուէր
հանել
վրէժ
ի
միաբանութենէ,
Յովհաննէս
վախճանեցաւ,
եւ
մահուանէ
ետքը
տեղի
ունեցած
երկու
պատրիարքական
աթոռներու
միջեւ
պայքարը,
ի
դէպ
է
թաքուցեալ
ցասումին
հետեւանքները
համարել
(ՍԱՒ.
1352):
2702.
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ
ՄԱՀԸ
Յովհաննէս
պատրիարք
որչափ
արդիւնաւոր,
այնչափ
ալ
հակառակութեանց
նշաւակ,
զվերջին
քառեակ
ամս
կենաց
իւրոց
նեղութեամբ
անցոյց
(ՍԱՒ.
1348),
այսինքն
այն
տարիները
որոնք
կը
փակուին
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքարանին
երկու
հակակիր
ցոյցերուն
մէջ,
1856-ի
կոչումին
եւ
1860-ի
պահանջքին
միջեւ:
Որչափ
եւ
տոկուն
բնաւորութեան
տէր,
բայց
եւ
սաստիկ
զգայուն
ըլլալով
ի
զօրութենէ
անկեալ
յաղթէր,
եւ
ախտից
կրծացաւութեան
կը
հանդիպէր
(ՍԱՒ.
1348),
զոր
ի
դէպ
է
իբր
շնչարգելութեան
կամ
իբր
սիրտի
ախտ
իմանալ,
եւ
հովահրելու
պէտք
զգալով
ստէպ
Փիլիպպոսի
աղբիւրը
կ՚երթար,
զոր
ինքն
իսկ
գնած
էր
(§
2646):
Բայց
հետզհետէ
ախտը
կը
զայրանար
եւ
հոգք
հալողականք
յաճախեալք
կենաց
կարճիլը
նախատեսել
կու
տային,
թէպէտեւ
տակաւին
65
տարեկան
էր,
եւ
երկարամեայ
գործունէութիւն
կրնար
ունենալ,
1860
օգոստոսին
մէջ
թեթեւ
կաթուած
մը
անցուցած
էր,
որ
դեկտեմբեր
21-ին
ծանրապէս
կը
կրկնուէր,
եւ
որչափ
ալ
կարեւոր
եւ
զգոյշ
եւ
հմուտ
խնամքներ
գործադրուեցան
ճարտարներու
խորհրդով,
օգուտ
չունեցան
եւ
23-ին
հոգին
կ՚աւանդէր
ուրբաթ
օր
Տեառնեղբօր
հանդիսական
յիշատակի
նախատօնակին
պահուն
(ԱՍՏ.
Բ.
550):
Յաջորդ
շաբաթ
օր
դեկտեմբեր
24-ին,
երբ
սովորութիւն
է
պատրիարքներուն
հանդիսապէս
Տեառնեղբօր
նուիրական
աթոռը
բազմիլ,
դագաղի
մէջ
ամփոփուած
Յովհաննէսի
յուղարկաւորութեան
կարգը
կատարուեցաւ,
փակակալ
Պօթուչանցի
Գէորգ
եպիսկոպոսի
նախագահութեամբ
եւ
ամենայն
շքեղութեամբ:
Ընդ
երեկս
փառաւոր
թափօրով,
որուն
մասնակցեցան
պետական
ներկայացուցիչներ,
օտար
ազգաց
հիւպատոսներ,
եւ
միւս
ազգաց
գլխաւորներ,
տարուեցաւ
Ս.
Փրկչի
վանքը,
ուր
ամփոփուեցաւ
մարմինը
բակին
ճեմելիքին
ներքեւ
ի
շարս
պատրիարքաց
(ՍԱՒ.
1349.
ԱՍՏ.
Բ.
550),
եւ
յետ
ժամանակաց
փառաւոր
տապանաքար
զետեղուեցաւ
վրան:
Յովհաննէսի
պատրիարքութեան
տեւողութիւնը
տասնուկէս
տարի
կը
հաշուուի
1850
յունիսի
միաբանական
ընտրութենէն,
կամ
յուլիս
4-ի
Կ.
Պոլսոյ
վարչութենէն
հաստատուելէն
համրելով:
2703.
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ
ԱՐԺԱՆԻՔԸ
Յովհաննէս
պատրիարք
Երուսաղէմի
աթոռին
նշանաւոր
գահակալներէն
մէկն
է
ստուգիւ,
ինչ
ալ
ըլլան
իր
մասին
թէ
կենդանութեան
ատեն
խօսուածները,
եւ
թէ
քննադատներուն
գրիչին
ներքեւ
կրկնուածները:
Մեծ
անձնաւորութեանց
վրայ
նկատուած
մասնաւոր
եւ
անձնական
տեսութիւններ
չեն
կրնար
աղօտացնել
անոնց
նշանաւոր
գործերը:
Առիթ
ունեցանք
պատահաբար
մեր
միտքը
յայտնել
զանազան
միջադէպներու
առթիւ,
բայց
աւելորդ
չենք
սեպեր
անգամ
մըն
ալ
ամփոփել
մեր
տեսութիւնները
նորա
դամբանին
փակուելուն
առթիւ:
Երուսաղէմի
աթոռին
երկու
աչքառու
շինուածները,
պատրիարքարանը
եւ
ճեմարանը,
բաւական
են
անուն
մը
անմահացնելու
եւ
իբր
մեծագործ
արձանագրելու:
Իրօք
ալ
անմահ
յիշատակաց
արժանի
երկու
մեծանուն
Գրիգորներէն,
Պարոնտէրէն
եւ
Շղթայակիրէն
ետքը,
երրորդ
մը
Յովհաննէս
Զմիւռնացին
է,
որ
աթոռը
իրօք
պայծառացուցած
եւ
ճոխացուցած
է,
եթէ
ոչ
ապասներով
եւ
զարդերով,
աւելի
հոյակապ
շինութիւններով:
Յոպպէի
գուռէն
դուրս
մեծ
արտ
կոչուած
կալուածը
միայն
բաւական
էր
զայդ
հաստատել,
որ
աթոռին
հարստութեանց
աղբիւրն
եղած
է,
եւ
տակաւին
ալ
է,
եթէ
ուրիշ
օգտակար
ստացութիւններ
եւ
կարեւոր
նորոգութիւններ
ալ
չըլլային:
Նախատեսութեան
եւ
ապագայի
գուշակութեան
հանճարը
կը
փայլի
Յովհաննէսի
ամէն
մի
գործին
մէջ,
զոր
իր
անողոք
քննադատն
ալ
կը
պարտաւորուի
խոստովանիլ,
թէ
ոչ
զներկայէն
եւեթ
խորհէր,
յայլ
յապառնին
յաւէտ
նկատէր,
եւ
յապագայն
Ս.
Աթոռին
խնամով
ուշ
եդեալ
ապահովէր
զհաստատութիւն
(ՍԱՒ.
1349):
Աշխարհք
տեսած,
Կովկաս
եւ
Պոլիս
եղած,
եւ
ընդարձակ
գաղափարներու
եւ
մեծագործ
տեսարաններու
մէջ
ապրած,
կարծես
թէ
իր
հոգին
կ՚ապստամբէր
տեղական
ճղճիմ
շրջանակներու
եւ
սահմանափակ
գլուխներու
հանդէպ,
եւ
եթէ
երբեմն
բուռն
կերպով
կ՚արտայայտուէր
անոնց
դէմ
եւ
կը
գործէր
անոնց
հակառակ,
այն
ալ
դարձեալ
լայնախորհուրդ
եւ
զարգացած
միտքի
հետեւանք
պէտք
է
ճանչնալ:
Բնական
էր
որ
այս
տեսութիւններով
պատրաստուած
միտք
մը
չկարենար
խաղաղօրէն
համակերպիլ
Ս.
Յակոբայ
չորս
պատերուն
մէջ
կազմուած
գլուխներուն,
եւ
անտարակոյս
շփումներ
պիտի
ունենար
անոնց
հետ:
Բայց
եթէ
Սաւալանեան
մըն
ալ
բնիկ
Զմիւռնացի
եւ
զարգացեալ
ըլլալու
գիտակցութեամբ
պանծացող
մը,
քննադատներուն
կը
ձայնակցի
եւ
Յովհաննէսը
կը
մեղադրէ
թէ
զնոյն
սաստ
եւ
զնոյն
կծծութիւն
լծեալ
ունէր
անդստին
ի
բնէ,
եւ
թէ
չգիտաց
կամ
թէ
չյօժարեցաւ
բարոյապէս
եւս
զարգացնել
զմիաբանութիւնն
յարգելով
զուսմունս
եւ
զգիտութիւն,
պէտք
չէ
աչքէ
վրիպեցնել
թէ
կծծութիւնը
իր
թոշակը
քիչցնելուն,
եւ
ուսումնատեցութիւնը
իր
տուած
կրթութիւնը
անբաւական
գտնելուն
մէջ
տեսած
է
Սաւալանեան:
Իրաւունք
ունէինք
վերեւ
ակնարկեալ
(§
2688)
դիտողութեան
մէջ,
թէ
անձնական
պարագաներ
վտանգաւոր
փորձանքներ
են
ժամանակակից
անցքեր
պատմագրողին:
Յովհաննէսի
ծրագիրը
կ՚երեւայ
թէ
եղած
է
նախ
նիւթականը
ապահովել
որ
մտաւորականը
արդիւնաւորուի,
հակառակ
Փարիզի
Հայկազնեանը
հիմնարկողներուն
ընթացքին,
որոնք
առանց
նիւթականի
մտաւորականին
ձեռնարկեցին
եւ
ձախողեցան,
եւ
որոնց
օրինակը
Յովհաննէսի
աչքին
առջեւն
էր
(§
2700):
Եթէ
չափաւոր
բան
մը
պիտի
ըլլար
ձեռնարկը,
քերականութեան
եւ
ճարտասանութեան
մէջ
ամփոփուած,
այն
արդէն
կար,
իսկ
եթէ
աւելի
բանի
մը
պիտի
ձեռնարկուէր,
համապատասխան
միջոցներ
պէտք
էր
պատրաստուէին,
եւ
չենք
իմանար
թէ
ի'նչ
էին
Սաւալեանի
պահանջած
ուսմունք
եւ
գիտութիւնք:
Ճեմարանի
շինուածն
իսկ
Մայրիթաղին
հետ
միացած,
յայտնի
կը
ցուցնէ
թէ
ընդարձակ
եւ
լրացեալ
բանի
մը
ծրագիրը
կար
Յովհաննէսի
միտքին
մէջ:
Իսկ
ներքին
բարեկարգութեան
մասին
ուրիշ
ժամանակներէ
տարբեր
չէր
Յովհաննէսի
ժամանակը,
եւ
Յովհաննէսի
հնար
չէր
մոգական
գաւազանով
արմատացեալ
ձեւերը
փոխարկել:
Քէֆսիզեանի
(§
2641)
եւ
Չիլինկիրեանի
եւ
առհասարակ
միաբաններու
հանդէպ
բռնած
ընթացքը
(§
2648),
բարեկարգիչ
ձգտումներու
նշաններ
կը
նկատուին,
եւ
երեւի
թէ
միաբաններու
թիւը
չնօսրցնելու
համար
ստիպուեր
է
խստութեանց
միջոցներէն
հրաժարիլ:
Իսկ
եթէ
բնութեամբ
հեզահամբոյր
կամ
թէ
վարմունքով
զիջողական
չէ
եղած,
այն
ալ
պէտք
է
վերագրել
համոզուած
եւ
զարգացած
միտքի
բերմունքներուն,
որ
չի
կրնար
շուտով
իր
հաստատուն
սկզբունքներէն
հրաժարիլ:
2704.
ՄԻՀՐԴԱՏԵԱՆԻ
ՊԱՐՍԱՒԱԳԻՐՔԸ
Յովհաննէսը
դատապարտողներուն
ակնարկած
ատեննիս
հնար
չէ
զանց
ընել
Թադէոս
Միհրդատեանի
անունը,
որ
այս
նպատակով
հատոր
մը
հրատարակած
է
(ՄԻՀ.
),
ուր
նորա
առաջին
կեանքը
քաղելէն
ետքը
(ՄԻՀ.
7-14),
որ
պատրիարքական
գործունէութեան
հետ
կապ
չունենար
եւ
չունէր,
30
գլուխ
ամբաստանութիւններ
կը
շարէ
(ՄԻՀ.
31-100),
որպէսզի
Յովհաննէսի
կառավարութիւնը
Երուսաղէմի
աթոռին
աղետալի
եղած
ըլլալը
հաստատէ:
Դժբախտաբար
Միհրդատեան
ծանօթ
է
իբրեւ
յոռետես
եւ
կրքոտ
եւ
յուզումնալից
գրիչ
մը,
որուն
դատողութիւնները
հնար
չէ
առանց
վերապահութեան
ընդունիլ,
եւ
ոչ
ալ
անոնց
հիմնուելով
եզրակացութեան
յանգիլ:
Իրօք
ալ
անոր
հրատարակութեան
պարունակութիւնը
այնպիսի
կէտեր
կը
շօշափէ,
որոնք
տարիներ
եւ
դարեր
ալ
առաջ
տեղի
ունեցած
իրաւունքներու
կամ
կորուստներու
կը
պատկանին,
Ս.
Յարութեան,
Ս.
Ծննդեան,
Ս.
Համբարձման
սրբավայրերուն
մէջ,
եւ
որոնց
վրայ
մենք
ալ
խօսած
ենք,
եւ
ժամանակին
պատրիարքներուն
ապարդիւն
ջանքերը
եւ
ճիգերը
պատմած
ենք,
մինչ
Միհրդատեան
կ՚ուզէ
Յովհաննէսը
նոյն
իրողութեանց
պատասխանատու
ընել:
Կը
յիշէ
նաեւ
զանազան
տեղեր,
որոնց
ստացութիւնը
օգտակար
պիտի
ըլլային
կը
կարծէ,
եւ
Յովհաննէսի
չստանալէն
ամբաստանութիւններ
կը
կազմէ:
Բայց
մեր
տեսութեամբ
Երուսաղէմի
շահերուն
եւ
ժամանակի
եւ
տեղւոյ
պարագաներուն
մասին
Միհրդատեանի
կարծիքը,
չէ
որ
Յովհաննէսի
կարծիքին
պիտի
վերադասուի:
Միաբաններէն
ոմանց
հետ
վարմունքներէն
զատզատ
գլուխներ
կազմած
է,
բայց
վստահ
չենք
իր
դատողութեանց
վրայ,
քանի
որ
Քէֆսիզեան
(ԴԱՏ.
71)
եւ
Չիլինկիրեան
(ԴԱՏ.
24)
եւ
իր
տեղեկութեանց
աղբիւրներ,
որոնց
ո'վ
ըլլալը
գիտենք
(§
2649-2650),
եւ
տակաւին
ալ
առիթ
պիտի
ունենանք
պատմել:
Աւելի
հիմնական
եղած
պիտի
ըլլար
Միհրդատեանի
յարձակումը,
եթէ
մէկ
կամ
երկու
իրական
վնասներ
յիշէր,
քան
թէ
անհիմն
զրոյցներով
թիւ
շատցնելու
աշխատէր,
եւ
եթէ
իսկական
եղելութիւններ
յիշէր,
եւ
ոչ
թէ
քմահաճոյ
տեղեկութիւններ:
Նա
երբեմն
Սաւալանեանն
ալ
վկայութեան
կը
կոչէ,
բայց
մենք
Սաւալանեանի
պատմութենէն
քաղեցինք
Յովհաննէսի
արդիւնքները
եւ
Սաւալանեանն
է
որ
կը
հաւաստէ,
թէ
որչափ
կեանք
նորա
ի
կենդանութեան
ոմանց
կողմէ
դատափետուեցաւ,
այնչափ
եւս
առաւել
յետ
մահուան
խնդրեցաւ
անձն
նորա
եւ
քաղցրացաւ
յիշատակ
նորա
(ՍԱՒ.
1349):
Միհրդատեանի
գործն
ու
գրութիւնը
իր
ժամանակին
ալ
քննադատուեցաւ
հեղինակաւոր
անձերէ,
եւ
իր
դատաքննութիւն
դատաքննութեանց
պաշտպանողականը
չբաւեց
իրմէ
հեռացնել
անհիմն
զրոյցներու
կրկնող
եւ
կիրքէ
յուզեալ
անձերու
արձագանգ
եղած
ըլլալուն
համոզումը.
եւ
մենք
ալ
աւելորդ
կը
սեպենք
այլ
եւս
անոր
ըսածներու
մասին
երկարաբանել:
Կրնանք
ընդունիլ
թէ
Յովհաննէս
կրցաւ
շատերը
ցաւցնել
իրաւամբ,
կամ
թէ
թերեւս
ոմանք
ալ
յանիրաւի,
բայց
ոչ
ոք
կրցաւ
անձնական
շահի
համար
աթոռին
կամ
հաստատութեան
վնասակար
մէկ
արարքը
ցուցնել:
Կրցաւ
ալ
թերեւս
իր
նախատեսութեանց
մէջ
վրիպիլ,
դիւրին
կարծած
ձեռնարկին
մէջ
դժուարութեանց
հանդիպիլ,
սակայն
այսպիսի
պարագաներ
ժամանակին
հանգամանքներուն
հետ
բաղդատութեամբ,
եւ
ոչ
բացարձակ
տեսութեամբ
պիտի
դատուին,
եւ
մեզ
բաւական
է
հակակիր
պատմիչին
իսկ
խոստովանիլը
թէ
աշխարհէ
մեկնեցաւ
թողեալ
զկնի
իւր
յիշատակս
անջնջելիս
(ՍԱՒ.
1348),
յօգուտ
գործածած
ըլլալով
ձեռք
անցուցած
գումարները,
արգիլելով
անխորհուրդ
ծախքերը,
եւ
մեծագումար
պահեստի
գումար
թողլով
աթոռին
գանձին
մէջ:
Վանական
եւ
բարեկարգական
վիճակն
ալ,
գտածէն
աստիճան
մը
լաւ,
եւ
ոչ
թէ
գտածէն
աւելի
ստորին
թողուց:
2705.
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ
ՄԱՀԷՆ
ԵՏՔԸ
Երբոր
Յովհաննէս
վախճանեցաւ
միայն
մէկ
եպիսկոպոս
կը
գտնուէր
աթոռին
մէջ,
փակակալ
Գէորգ
Տէր-Յարութիւնեան
Թաթարեանց
Ռումանացի
(ԱՍՏ.
Բ.
550)
կամ
Պօթուշանցի,
որ
անմիջապէս
տեղակալ
ճանչցուեցաւ
միաբանութենէն
(§
2702)
եւ
միանգամայն
ձեռնարկութիւններ
եղան
աթոռոյ
պարապութեան
ատեն
կատարուելիք
գործողութեանց:
Միաբանութեան
կողմէ
1860
տարւոյ
յունուար
1-ին
պաշտօնապէս
երեք
գիրեր
գրուեցան
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքարանին,
Յովհաննէսի
մահը
ծանուցանելու,
ընտրութեան
փութացումը
խնդրելու,
անպատճառ
միաբանութեան
մէջէն
առնելով
ընտրելին,
եւ
մերժելով
ոչ-միաբանները
եւ
անջատեալները,
եւ
վերջապէս
Գէորգ
եպիսկոպոսը
իբր
յաջորդ
ներկայացնելու
ի
հաստատութիւն
(ԵՂՄ.
1-3):
Օր
առաջ
Յովհաննէսի
յուղարկաւորութեան
յաջորդ
օրը,
դեկտեմբեր
25-ին
գրուած
էր
Փոխանորդ
Իսահակ
վարդապետին:
Յովհաննէսի
մահուանէ
ամիսներ
առաջ,
1860
մայիսին,
նոր
ազգային
սահմանադրութիւնը
կազմուած
եւ
հրատարակուած
էր,
որուն
մէջ
ընդհանուր
ազգային
վարչութեան
համար
կանոններ
գծուած
էին,
եւ
Երուսաղէմի
պատրիարքին
ընտրութեան
ալ
ակնարկած
էր,
միաբանութիւնը
այս
պատճառով
կը
խոստանար
ամէն
բան
կարգադրել
եւ
ծաղկեցնել
համեմատ
մտաց
սահմանադրական
ազգային
կանոնադրութեան
(ԵՂՄ.
3):
Եւ
միանգամայն
կը
կանխէր
պատրաստել
կանոնս
զգուշաւորս
ի
պէտս
կառավարութեան
սուրբ
աթոռոյն,
բաժանելով
զպաշտօն
իւրաքանչիւր
ներքին
եւ
արտաքին
գործոց,
որ
է
ըսել,
ներքին
կանոնագիր
մը
կազմել,
եւ
միանգամայն
ընտրել
անդամս
խորհրդոյ
ընդ
նախագահութեամբ
Գէորգ
եպիսկոպոսի,
եւ
զայսոսիկ
կանոնս
տպեալ
առաքել
զկնի
նամակաց
առ
ազգային
վարչութիւն
(ՍԱՒ.
1351):
Իրաւ
հնաւանդ
սովորոյթ
մը
կար
միաբանութեան
մէջ
աւագ
լուսարարները
կամ
փակակալները
պատրիարք
չընտրելու,
բայց
անեղծանելի
կանոն
մը
չէր,
եւ
պարագայից
պահանջին
հանդէպ
Յովակիմ
Քանաքեռցի
պատրիարքն
ալ
փակակալութենէ
բարձրացեր
էր
(ՏԷՐ.
71):
Միաբանութիւնը
իր
կազմած
կանոնադրութիւնն
ալ
վարչութեան
հաւնեցնելու
հոգն
ալ
կը
յանձնարարէր
փոխանորդ
Իսահակի
(ԵՂՄ.
3-4):
Այդ
ամէն
գործողութիւնք
լրացած
էին
շաբաթուան
մը
միջոցին
մէջ,
որչափ
ալ
տօնական
օրեր
էին:
Կրնանք
աւելցնել
թէ
շատ
աշխատալի
ալ
չէր
պատրաստութիւնը,
քանի
որ
համառօտ
էր
պարունակութիւնը
2
հատուածով
եւ
16
յօդուածով:
Հատուածները
որոշուած
էին
ներքին
խորհուրդ
եւ
արտաքին
խորհուրդ
մակագրութիւններով:
Ներքին
խորհուրդ
պիտի
կազմէին
աւագ
լուսարար,
փոխանորդ,
դարպասընկալ,
թանգարանապետ,
եւ
այլ
եւս
4-է
6
ընտրեալ
անդամներ,
ասոնց
գործերը
որոշուած
էին
9
յօդուածներով
եւ
ընդհանուր
առմամբ
եւ
ոչ
թէ
իւրաքանչիւրին
առանձինն:
Իսկ
արտաքին
խորհուրդը
պիտի
կազմէին,
հանդերձապետ,
աւագ
թարգման,
շինուածապետ,
համբարապետ,
հիւրընկալ,
տեսուչ
Հրեշտակապետի
եւ
քաղաքացի
ժողովրդոց,
տեսուչ
բնակարանաց
ժողովրդեան,
եւ
երկրորդ
թարգման:
Ասոնց
ալ
պարտաւորութինները
բացատրուած
են
7
յօդուածներով
եւ
ընդհանուր
կերպով
(ՏԷՐ.
442-446):
Կանոնադրութիւնը
1861
յունուար
1
թուականը
կը
կրէր,
սակայն
5-ին
Յոպպէ
զրկուած
էր,
եւ
ալեկոծութեանց
պատճառով
թղթատար
նաւեր
չհանդիպելուն
միայն
20-ին
կրցեր
էր
մեկնիլ
Յոպպէ
եւ
անագան
հասնիլ
Կ.
Պոլիս
(ՀՐՔ.
Բ.
19):
Կանոնադրութեան
մասին
դիտողութիւններ
եղած
են
թէ
լիակատար
եւ
յստակ
չէ
(ՏԷՐ.
84-88),
սակայն
այդ
կրնայ
հապճեպ
պատրաստութեան
վերագրուիլ,
եւ
կանոնին
հոգւոյն
եւ
ուղղութեան
չվնասեր:
Սոյն
միջոցին
անակնկալ
մահուամբ
մըն
ալ
բոլորովին
խանգարեցաւ
միաբանական
կարգադրութիւնը:
Մկրտիչ
վարդապետ
Արծրունի
Բաղիշեցի
դարպասընկալ,
1861
յունուար
14-ի
Յովհաննէս
Կարապետի
տօնին
շաբաթ
առտուն
պաշտամանց
ատեն
(ՍԱՒ.
1354)
կաթուածոյ
ախտիւն
ըմբռնեալ
ի
տես
ներկայ
ուխտաւորաց
եւ
քաղաքացւոց
(ԵՂՄ.
8)
եւ
յանկարծ
ընդ
գետին
անկեալ
ընդ
ոգիսն
իւր
ոգորէր
(ՍԱՒ.
1354)
եւ
հազիւ
26
ժամ
եւս
կ՚ապրէր
եւ
15-ի
ցերեկին
կը
վախճանէր:
Գէորգ
եպիսկոպոս
աղետալի
տեսարանէն
յուզուելով
նոյն
օրը
մահիճ
կ՚իյնար
եւ
երկու
օր
ետքը
16-ին
երկուշաբթի
լուսնալուն
ինքն
ալ
կը
վախճանէր,
վասն
որոյ
զկարգ
թաղման
երկոցունց
հանգուցելոց
կատարեալ
ի
միասին
մին
զկնի
միւսոյն
կը
թաղէին
Ս.
Փրկչի
բակը
(ԵՂՄ.
8):
Գէորգ
Պօթուշանցին,
աթոռին
փակակալը,
տեղապահ
միակ
եպիսկոպոսը,
ընտրեալ
պատրիարք
եւ
արժանաւորագոյն
անձն
էր,
եւ
իր
մահը
Յոհաննէս
պատրիարքի
մահուանէն
միայն
24
օր
ետքը,
ոչ
միայն
սուգի
եւ
տխրութեան,
այլ
եւ
անելանելի
տագնապի
կը
մատնէր
միաբանութիւնը,
որ
անոր
ներկայութեամբ
իրեն
կացութիւնը
կարգաւորելու
ակնկալութիւնն
ունէր:
Տագնապ
մըն
ալ
միեւնոյն
ժամանակ
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքարանէն
կը
պատրաստուէր
Երուսաղէմի
աթոռին
եւ
պատրիարքութեան
գլխուն:
Նոր
սահմանադրութիւնը
նոր
ձեռներէցութեանց
ընդարձակ
ասպարէզ
մը
բացած
էր
Կեդրոնական
վարչութեան
առջեւ,
որ
ամէն
կողմ
սահմանադրական
բարեկարգութիւններ
մտցնելու
տենդով`
ամէն
բան
նորելու
ետեւէ
էր,
եւ
Երուսաղէմ
ալ
այդ
շարքին
մէջ
առաջնակարգ
տեղը
կը
գրաւէր:
Միւս
կողմէն
Յովհաննէս
պատրիարքի
օրէն
սկսած
շփումները
եւ
գրգռութիւնները,
պատրիարքին
Կ.
Պոլիս
չերթալը
(§
2648),
Սերվիչէնի
ձեռքով
պահանջուած
մեծ
գումարին
չվճարուիլը,
եւ
այն
ժամանակէն
յղացուած
վրիժառութեան
միտքը
(§
2701),
աթոռին
եւ
միաբանութեան
անտէրունչ
մնալէն
ծագած
պատեհով
զօրացած,
Երուսաղէմը
ընկճելու
եւ
նուաճելու
ժամանակը
հասած
կը
ցուցնէին
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքարանին
եւ
այդ
նպատակով
գործելու
կը
ձեռնարկէին:
Բայց
մենք
այդ
մանրամասնութեանց
չմտած
պէտք
է
նախապէս
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքութեան
անցքերը
պատմենք,
եւ
սահմանադրութեան
կազմուելուն
պարագաները
բացատրենք,
որ
Երուսաղէմի
մասին
ըսուելիքներն
ալ
իրենց
իսկութեան
մէջ
ներկայանան:
2706.
ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ
ՆԱԽԸՆԹԱՑԸ
Բաւական
ժամանակէ
իվեր
ստիպուած
յետաձգեցինք
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքութեան
եղելութիւնները,
որպէսզի
չընդհատենք
ուրիշ
կողմերու
դէպքերուն
կապակցութիւնը,
եւ
այժմ
պարտաւորեալ
ետ
դառնալով
պիտի
քաղենք
կարեւորագոյն
կէտերը:
Յակոբոսի
օրով
տեղի
ունեցած
խնդիրներուն
մեծ
մասը
ելեւմտական
մատակարարութեան
շուրջը
կը
դառնար,
ազգային
սնտուկ,
ազգային
հիւանդանոց,
աղքատաց
սնտուկ
եւ
ճեմարան,
ուսումնարան
ամէնուն
մտահոգութեան
պատճառ
կը
դառնային,
պէտքը
կը
զգացուէր,
միջոցը
կը
պակսէր,
պարտքը
կ՚աւելնար,
եւ
դարմանը
կը
դժուարանար,
եւ
շարունակ
ձեւեր
կը
փոխուէին,
բայց
հաստատուն
կռուան
մը
չէին
գտներ:
Այդ
կէտերը
փոքր
իշատէ
քաղած
ենք
(§
2641),
եւ
այնչափով
կը
բաւականանանք`
մանրամասնութեանց
շատ
մտած
չըլլալու
համար:
Աւելի
ծանր
խնդիրը
պատրաւորութեանց
եւ
իրաւանց
որոշումն
էր,
քանի
որ
ամիրայական
բացարձակ
կամքը
դադարած
էր,
եւ
Հոգեւոր
ու
Գերագոյն
ժողովները,
այսինքն
կրօնական
ու
քաղաքական
գործերու
վարիչները
ընտրովի
սկսած
էին
առնուիլ
ամէն
դասակարգերէ
(§
1595):
Իրաւունքի
մասնակցիլ
սկսող
դասակարգերը
պէտք
էր
պարտքերու
ալ
մասնակից
ըլլային
եւ
ազգային
մատակարարութեան
օգնէին
իրենց
միջոցներով.
պէտք
էր
նաեւ
որ
հաշտուէին
իրաւանց
եւ
պարտուց
չափերը,
եւ
անոնց
փոխադարձ
համեմատութիւնները,
մէկ
խօսքով`
քանի
որ
ընտրողական
եւ
ժողովրդական
վարչութիւն
մը
ստեղծուեցաւ
ազգին
մէջ,
պէտք
էր
որ
այն
իր
հիմնագիծը
ունենար,
որպէսզի
ամէն
գործողութիւնք
կանոնաւոր
ընթանային:
Այդ
պէտքին
վրայ
շատ
կը
խօսուէր,
կառավարութիւնն
ալ
կը
բաղձար
որ
իւրաքանչիւր
հասարակութիւն
որոշ
ուղղութիւն
մը
ունենար,
բայց
կը
խօսուէր
ու
կը
բաղձացուէր
միայն,
մինչեւ
որ
անոր
գործնական
ելք
մը
տալու
համար
առաջ
անցաւ
Գրիգոր
Մարկոսեան,
որ
լօղօֆէթի
պաշտօնին
կոչուած
էր
Յակոբ
Կրճիկեանէ
ետքը,
եւ
սկսաւ
ծրագիր
մը
կազմել,
իրեն
խորհրդակից
ունենալով
զարգացեալ
անձերու
փոքրիկ
խումբ
մը:
Բայց
ասոնց
կազմած
ծրագիրը
շատ
ազատամիտ
կը
նկատուէր
Տատեանց,
Երամեանց
եւ
ասոնց
համախոհ
ամիրայական
խմբակէն,
թէպէտ
այն
ալ
կանոնագիրի
պաշտպանն
էր
եւ
ազատ
գաղափարներ
ունէր:
Մարկոսեան
մտածեց
միջասահման
նոր
ծրագիր
մը
պատրաստել
առանց
շատ
մանրամասնութեանց
մտնելու,
եւ
զայն
Յանձնարարական
ժողովոյ
մը
կողմէ
ընդունել,
եւ
Գերագոյն
ժողովին
կողմէն
վաւերացնել
տալէ
ետքը,
1857
մարտ
22-ին
ուրբաթ
օր
ներկայեց
ազգային
ընդհանուր
ժողովին,
զոր
Յակոբոս
պատրիարք
գումարեց
իր
նախագահութեամբ
պատրիարքարանի
մէջ
եւ
որուն
ներկայ
եղան
եկեղեցականներ,
ամիրաներ,
արհեստապետներ,
մտաւորականներ
եւ
առեւտրականներ
(ՔԷՉ.
94):
Այդ
նախատիպ
կանոնադրութեան
սահմանադրութիւն
անուն
էր
տրուած,
որ
թէպէտ
բառացի
իմաստով
կանոնադրութիւն
կոչումէ
չի
տարբերիր,
սակայն
լրագրական
լեզուի
եւ
պաշտօնական
կիրառութեան
մէջ
սկսած
էր
իբր
եւրոպական
քօնսթիթիւսիօն
(Constitution)
բառին
համանշանակ
գործածուիլ
(ՔԷՉ.
138),
որ
կը
նշանակէ
միապետական
իշխանութեան
սեղմումը
եւ
սահմաններու
մէջ
փակուիլը:
Մարկոսեան
իր
ծրագիրը
մեկնաբանեց,
ազգային
պէտքերը
բացատրեց,
հիւանդանոցէ
եւ
վարժարաններէ
եւ
բարեգործական
հաստատութիւններէ
ետքը
յիշեց
նաեւ
պատրիարքարանը,
եւ
հոգեւորական
ուսումնարանի
պակասն
ալ
շեշտեց,
եւ
ասոնց
ամէնուն
համար
անհրաժեշտ
ցուցուց
հաստատ
եկամուտները
եւ
ազգային
տուրքերը
(ՔԷՉ.
94):
Ժողովականք
ըստ
ամենայնի
հաւան
գտնուեցան
ծրագիրին
եւ
բոլոր
ներկաներ
ստորագրելով
ազգովին
ընդունեցան
զայն
խնդութեամբ
եւ
գոհութեամբ
եւ
օրհնութեամբ
(ՔԷՉ.
95):
Սահմանադրութեան
այս
առաջին
ծրագիրը
լոյս
տեսնելու
բախտը
չունեցաւ
(ՔԷՉ.
139),
ուստի
պիտի
չկարենանք
անոր
լիակատար
վերլուծումը
տալ.
միայն
գիտենք
թէ
պահուած
էին
երկու
վարչական
ժողովները,
իսկ
անոնց
մօտ
աւելցած
էին
օժանդակ
ժողովներ,
տնտեսական,
ուսումնական,
դատաստանական
եւ
Հայկազնեան
վարժարանի
խնամակալութիւնը
(ՔԷՉ.
95),
ընտրելիներու
եւ
ընտրողներու
պայմաններ
ճշդուած
էին,
եւ
տասը
ղուրուշնոց
փուլի
ազգային
տուրք
մը
հաստատուած
էր
(ՔԷՉ.
94).
մէկ
խօսքով,
կրնանք
ըսել
թէ
գլխաւոր
գիծերով
շատ
հեռու
չէր
ապագային
կազմուած
սահմանադրութենէն:
2707.
ՆԱԽՆԱԿԱՆ
ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Այս
նոր
եւ
նախատիպ
1857-ի
սահմանադրութիւնը
կառավարութեան
մատուցուեցաւ
ի
հաստատութիւն,
բայց
բաւական
ժամանակ
սպասուելէ
ետքը
մերժուեցաւ
այն
դիտողութեամբ,
թէ
պետութեան
մէջ
պետութիւն
չի
կրնար
լինիլ
(ՔԷՉ.
95):
Սակայն
իսկական
պատճառը
ազգին
երեւելեաց
մէջ
ծագած
գժտութեան
հետեւանքն
էր
(ՔԷՉ.
138),
որուն
արդէն
ակնարկեցինք
(§
2706):
Ասով
մէկտեղ
վարչական
ժողովներ
մասամբ
համակերպեցան
ծրագիրին
պայմաններուն,
եւ
ներքին
գործերու
մէջ
այլեւայլ
տրամադրութիւնք
գործադրուեցան,
օժանդակ
ժողովներ
կազմուեցան,
հիւանդանոց
եւ
տնանկաց
սնտուկ
եւ
ազգային
սնտուկ
միացուելով
տնտեսականին
յանձնուեցան,
որ
25-30
անդամներէ
բաղկացեալ
մարմին
մըն
էր:
Աղջկանց
արհեստանոց
մը
հաստատուեցաւ
(ՔԷՉ.
95),
եւ
ընդհանուր
վարչութեան
աւելի
կանոնաւոր
ձեւ
տրուեցաւ:
Ասով
մէկտեղ
հաստատուն
եւ
հաստատեալ
կանոնադրութեան
մը
պէտքը
օրէօր
աւելի
զգալի
կ՚ըլլար,
զի
յարաբերութիւններէն
ծագած
խնդիրները
լուծելու,
եւ
պարտք
եւ
իրաւունք
ճշդելու
համար
ընդունուած
կանոն
մը
անհրաժեշտ
էր:
Բանակցութիւններ
ու
խորհրդակցութիւններ,
ծրագիրներ
ու
յանձնաժողովներ
շարունակեցին
1857-է
1860,
մօտ
երեք
տարի
շարունակ,
նպատակ
ունենալով
զանազան
կարծիքներ
իրարու
մօտեցնել
եւ
համաձայնութիւն
գոյացնել
(ՔԷՉ.
138):
Նոր
ծրագիր
մըն
ալ
կազմուեցաւ
1859-ին
երբ
Յակոբոս
պատրիարքի
յաջորդած
էր
Գէորգ
(§
2693),
որ
սկզբունքով
կանոնագիր
մը
կազմուելուն
հակառակ
չէր,
բայց
գործնականի
մէջ
պաշտպան
էր
միապետական
դրութեան:
Մատթէոս
կաթողիկոս
ալ
Կ.
Պոլիս
գտնուած
միջոցին
օտար
չէր
մնացած
տիրող
խնդիրներէն,
արդէն
ալ
ժողովրդական
կուսակցութեան
պաշտպան
նկատուած
էր
(§
2587):
Գէորգ
պատրիարքի
նախաձեռնութեամբ
1859-ին
յանձնաժողով
մըն
ալ
ընտրուած
էր,
որ
իր
ծրագիրը
կազմեց
ինչպէս
յիշեցինք,
սակայն
այն
ալ
գոհացուցիչ
չգտնուելով
նոր
սահմանադրական
ժողով
մը
կազմուեցաւ
5
եկեղեցական
եւ
14
աշխարհական
անդամներով
(ՊԱԼ.
470),
որ
1857-ի
եւ
1859-ի
ծրագիրները
միացնելով
եւ
զանազան
կարծիքները
մօտեցնելով
վերջապէս
յաջողեցաւ
ամբողջական
սահմանադրութեան
մը
նախագիծը
մէջտեղ
հանել:
Վերջին
յանձնաժողովի
անդամներն
էին,
Կարապետ
եպիսկոպոս`
Սեբաստիոյ
առաջնորդ,
Յովհաննէս
վարդապետ`
Ղալաթիոյ
քարոզիչ,
եւ
Յովհաննէս
Հիւնքեարպէյէնտեան,
Յովհաննէս
Փափազեան
եւ
Երեմիա
Խասքէօյի`
աւագերէցներ.
Արիստակէս
Ալթունտիւրրի,
Պօղոս
Աշնանեան,
Վարդերես
Միսաքեան,
Մկրտիչ
Աղաթոնեան,
Եաղուպ
Եաղուպեան,
ու
Ենովք
Տէմիրճիպաշեան`
մեծամեծներէն.
Նահապետ
Ռուսինեան
ու
Բարունակ
Ֆէրուհխան`
բժիշկներ.
Կարապետ
Իւթիւճեան`
լրագրապետ,
Յովհաննէս
Սուրէննեան,
Սահակ
Փէշտիմալճեան,
Մինաս
Մինասեան,
Թովմաս
Քայսերեան
եւ
Գրիգոր
Օտեան`
նոր
գործիչներէն
(ՊԷՐ.
427):
Յանձնաժողովին
մէջ
չէին
Սերովբէ
Վիչէնեան
եւ
Ստեփանոս
Ասլանեան
բժիշկներ,
եւ
Նիկողայոս
Պալեան
ճարտարապետ,
սակայն
անոնք
ալ
յայս
մեծ
գործ
վաստակեցան
(ՊԷՐ.
389)
որուն
սկիզբէն
ոյժ
տուողներն
էին:
Երբոր
կը
կարծուէր
թէ
սահմանադրութեան
գործը
յաջող
վերջաւորութեան
մը
պիտի
յանգի`
Գէորգ
պատրիարք
նոր
դժուարութեանց
առիթ
տուաւ,
դժգոհ
լինելով
նոր
օրէնսդրութիւնից,
որ
պատրիարքական
իրաւունքները
կարճում
եւ
ազգային
ժողովի
կամքին
էր
ենթարկում
(ՊԱԼ.
471),
եւ
երբոր
չկրցաւ
իր
միտքը
քալեցնել,
ստիպուեցաւ
քաշուիլ,
եւ
1860
ապրիլ
21-ին
հրաժարականը
ներկայեց
(ՊԷՐ.
621),
որ
շուտով
ընդունուեցաւ,
եւ
մայիս
2-ին
քուէարկութիւն
կատարուեցաւ
եռանուն
ցանկի
վրայ,
եւ
87
քուէով
պատրիարք
ընտրուեցաւ
Սարգիս
եպիսկոպոս
Գույումճեան
Ադրիանուպոլսոյ
առաջնորդը,
մինչ
Թադէոս
Ռոտոսթոցի
եւ
Պօղոս
Զմիւռնիոյ
առաջնորդները
67
եւ
21
քուէ
ստացան
(60.
ՄԱՍ.
430):
Սարգիս
մայիս
12-ին
Ադրիանուպոլսէ
հասաւ
(60.
ՄԱՍ.
431),
եւ
14-ին
բարձրագոյն
դուռ
գնաց
եւ
պաշտօնի
ձեռնարկեց
(60.
ՄԱՍ.
432):
Սարգիս
ծրագրեալ
սահմանադրութիւնը
ընդունելու
սկզբունքով
ընտրուած
էր,
ուստի
առաջին
գործն
այս
եղաւ,
զի
մեծ
յուզմունք
պատճառած
էր
ժողովուրդին
մէջ
Գէորգի
հրաժարիլը,
մանաւանդ
հրաժարելուն
շարժառիթը,
իբր
թէ
նոր
խմբագրուած
սահմանադրութիւնը
անվաւեր
եւ
ապարդիւն
ձգելու
համար
եղած
ըլլար
(ՍՏԵ.
190):
Մայիս
20-ին
ուրբաթ
օր
յանձնաժողովը
ծրագիրը
ստորագրեց
(ՊԷՐ.
427),
եւ
պաշտօնապէս
նորընտիր
պատրիարքին
ներկայեց,
եւ
24-ին
Հոգեգալստեան
երեքշաբթի
օրը
Ընդհանուր
ժողով
գումարուեցաւ
Մայր
եկեղեցին,
պատրիարքի
նախագահութեամբ
եւ
նախկին
պատրիարք
Յակոբոսի
ներկայութեամբ,
եւ
գլխաւոր
եկեղեցականներով
եւ
ամէն
դասակարգէ
կազմուած
բազմութեամբ:
Նախ
ծայրէծայր
սահմանադրութիւնը
կարդացուեցաւ
(60.
ՄԱՍ.
433),
յետոյ
եկեղեցականաց
դիմում
եղաւ,
որոնք
Յակոբոսի
առաջնորդութեամբ
վկայեցին
թէ
կարդացուած
ծրագիրը
Հայ
եկեղեցւոյ
օրինաց
հակառակ
բան
չի
պարունակեր.
յետոյ
ամիրաներուն
ալ
հարցում
ուղղուեցաւ,
որոնցմէ
ներկայ
էին
Տատեանք,
Պալեանք,
Երամեանք,
եւ
այլք,
որոնք
համարձակ
հաւանութիւն
տուին.
ի
վերջոյ
մտաւորական,
առեւտրական
եւ
արհեստաւորական
շարքերէն
եղողներ,
իբրեւ
ժողովրդական
դասուց
ներկայացուցիչք
իրենց
ընդունելութեամբ
վաւերացուցին
(ՔԷՉ.
138),
եւ
ամենքն
ալ
ստորագրեցին
(ՍՏԵ.
191),
եւ
սահմանադրութիւնը
ազգային
ընդհանուր
ժողովին
միաձայն
հաւանութեամբ
ընդունուած
եւ
ստորագրուած
հռչակուեցաւ
(ՊԷՐ.
427):
Սրտայոյզ
հանդիսաւորութիւն
մը
ունէր
այս
ժողովը,
որ
ազգին
մէկ
մեծ
փափաքը
կու
գար
լնուլ
(ՔԷՉ.
138):
Նոյն
օր
Հոգեւոր
եւ
Գերագոյն
ժողովները
դադարած
նկատուեցան
եւ
առժամեայ
ժողովականներ
ընտրուեցան,
մինչեւ
որ
երեսփոխանութիւնը
կազմուի,
եւ
օրինական
վարչական
ժողովներ
նստին,
ինչ
որ
երեք
ամիսներ
տեւեց:
Առժամանակեայ
ժողովներէն
կրօնականը
7
եւ
քաղաքականը
12
անդամ
ունէր,
կրօնականին
մէջն
էր
նաեւ
Իսահակ
վարդապետ
Երուսաղէմի
փոխանորդը
(60.
ՄԱՍ.
433):
2708.
ԱՆՈՐ
ԱՄՓՈՓՈՒՄԸ
Այդ
առթիւ
կազմուած
սահմանադրութիւնը
վերջէն
գործածուած
սահմանադրութիւնը
չէ.
ասով
մէկտեղ
կարեւորութենէ
զուրկ
չենք
նկատեր
անոր
համառօտ
վերլուծումը
տալ,
որպէս
զի
առաջին
ժամանակներու
մէջ
տիրող
մտայնութիւնը
յայտնուի,
եւ
թէ
վերջին
օսմանեան
կառավարութեան
սահմանադրութեան
տարբերութիւնը
իմացուի:
Այդ
1860-ի
սահմանադրութիւնը
բովանդակ
150
յօդուածներէ
կը
բաղկանայ,
վեց
հիմնական
սկզբունքներէ
զատ:
Հինգ
գլուխի
բաժնուած
է.
Առաջին
գլուխը,
ազգային
վարչութիւն
ստորաբաժանեալ
հատուածներով,
որոնք
են`
կազմութիւն
6
յօդուած,
պատասխանատուութիւն
1,
յարաբերութիւնք
1,
ընդհանուր
ժողով
5.
կրօնական
ժողով
7,
պատրիարք
6,
քաղաքական
ժողով
6,
ուսումնական
խորհուրդ
5,
տնտեսական
խորհուրդ
13,
ելեւմտական
խորհուրդ
5,
դատաստանական
խորհուրդ
4,
թաղական
խորհուրդ
6,
դիւանատուն
9,
գաւառական
ժողով
2,
առաջնորդ
3,
գաւառական
վարչութիւն
4,
ընդամէնն
83
յօդուած:
Երկրորդ
գլուխ`
ազգային
տուրք
5
յօդուած:
Երրորդ
գլուխ`
ընտրական
օրէնք
39
յօդուած:
Չորրորդ
գլուխ`
ներքին
կանոնադրութիւն
18
յօդուած:
Հինգերորդ
գլուխ`
վերաքննութիւն
5
յօդուած:
Կարեւորագույն
մաս
կը
նկատուին
հիմնական
սկզբունքները,
որոնք
կը
վճռեն.
Ա.
թէ
Ազգը
անհատին
եւ
անհատը
ազգին
պարտաւորութիւններ
ունի,
որոնք
կարգադրողը
ազգային
վարչութիւնն
է,
որուն
օսմանեան
տէրութիւնը
յանձնած
է
Տաճկաստանի
Հայոց
ներքին
գործոց
տնօրէնութիւնը:
Բ.
Իրաւանց
եւ
պարտուց
հիմը
արդարութիւնն
է,
եւ
ոյժը
ձայնից
բազմութիւնն
է:
Գ.
Ազգն
ու
ազգային
վարչութիւն
փոխադարձ
պարտիքներով
կապուած
են:
Դ.
Ազգայինք
պարտաւոր
են
ծախքերուն
մասնակցիլ,
ծառայութեանց
յանձնառու
ըլլալ
եւ
տնօրէնութեանց
հնազանդիլ:
Ե.
Վարչութեան
պարտականութիւնները
մի
առ
մի
կը
համրուին,
որոնց
մէջն
են
Հայաստանեայց
սուրբ
եկեղեցւոյ
դաւանութիւնն
ու
աւանդութիւններն
անխախտ
պահել,
եւ
բոլոր
բարոյական
եւ
մտաւորական
եւ
նիւթական
պիտոյից,
դաստիարակութեան,
մատակարարութեան,
պաշտօնէից
կացութեան,
վէճէրու
լուծման,
բարեկարգութեան
եւ
յառաջդիմութեան
հոգ
տանիլ:
Զ.
Այդ
նպատակին
պիտի
ծառայէ
սահմանադրութիւնը
(ՊԷՐ.
390-391):
Այս
հիմնական
սկզբունքները
անփոփոխելի,
այսինքն
անոնց
վերաքննութիւնն
ալ
անընդունելի
հռչակուեցան
(ՍՏԵ.
192):
Վարչական
կազմութիւնը
պիտի
բաղկանայ
երեսփոխանական
ընդհանուր
ժողովէ,
որ
կեդրոնն
է
ազգային
իշխանութեան,
պատրիարքէ
որ
գործադիրն
է
որոշմանց
եւ
միջնորդ
յարաբերութեանց,
ժողովներէ,
որոնք
որոշում
տուողներ
են
պատրիարքի
գլխաւորութեամբ,
եւ
խորհուրդներէ,
որ
օժանդակներ
են
ժողովներուն
եւ
զանազան
ճիւղերու
տեսչութիւնը
կը
վարեն,
միշտ
ժողովներու
վաւերացմամբ:
Երեսփոխանական
ընդհանուր
ժողովը
պիտի
ունենայ
220
ընտրեալ
անդամ,
160-ը
Կ.
Պոլսոյ
թաղերէն
եւ
60-ը
գաւառական
վիճակներէն,
որոնց
բաշխումն
ալ
որոշակի
ցուցուած
է
(ՊԷՐ.
425-426),
եւ
իբր
180
յիրաւանց
անդամներէ,
ինչպէս
են
կրօնականի
եւ
քաղաքականի
անդամներ,
տեսուչ
եւ
թաղական
խորհուրդներու
ատենապետներ,
Կ.
Պոլիս
գտնուող
եպիսկոպոսներ
եւ
քարոզիչներ
եւ
աւագերէցներ,
տէրութեան
պաշտօնակալներ
եւ
պետական
ժողովականներ
եւ
վարժապետներ,
բժիշկներ,
ուսուցիչներ,
լրագրապետներ,
մատենագիրներ,
այն
պայմանով
որ
բովանդակը
400-է
աւելի
պիտի
չըլլայ
եւ
յիրաւանց
անդամներ
ընտրեալներէն
նուազ
պիտի
ըլլան:
Ընդհանուր
ժողովը
հինգ
տարին
անգամ
մը
ամբողջովին
պիտի
նորոգուի
վերընտրութեան
իրաւունքով:
Իսկ
նիստերու
օրինաւորութեան
համար
պիտի
պահանջուի
111
անդամոց
ներկայութիւնը:
Տարեկան
նիստերը
պիտի
գումարուին
մարտի
վերջերը,
օրակարգ
ունենալով
վարչութեան
համարատուութիւնը,
վարչական
ժողովոց
կէսին
ընտրութիւնը,
եւ
տարեկան
տուրքին
որոշումը:
Իսկ
արտասովոր
նիստեր
տեղի
կ՚ունենան,
կաթողիկոսական
ընտրութեան
մասնակցելու,
Երուսաղէմի
եւ
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքներ
ընտրելու,
պատրիարքի
եւ
վարչութեան
անհամաձայնութիւնները
կարգադրելու,
սահմանադրութեան
վերաքննութիւնն
ընելու,
եւ
արտաքոյ
կարգի
ծանր
խնդիրներ
լուծելու
համար:
Պատրիարքը
Էջմիածնի
եպիսկոպոս
եւ
օսմանեան
հպատակ
պիտի
ըլլայ,
եւ
եթէ
վարդապետ
է,
անմիջապէս
Էջմիածինէ
պիտի
ձեռնադրուի:
Կրօնական
ժողովը
14
եկեղեցականներէ
եւ
քաղաքականը
20
աշխարհականներէ
պիտի
բաղկանայ,
որ
միատեղ
նիստ
ընելով
խառն
ժողով
ալ
կը
կազմեն,
անդամները
կրնան
առնուիլ
որեւէ
դասակարգէ,
պայմանով
որ
30
տարեկան
ըլլան
եւ
ընտրելիութենէ
զրկուած
չըլլան:
Տեսուչ
խորհուրդներն
են
ուսումնականը
եւ
տնտեսականը
եւ
ելեւմտականը
որ
տասնական
աշխարհականներէ,
30
տարեկան
եւ
մասնագէտ,
եւ
դատաստանականը
5
եկեղեցական
եւ
5
աշխարհական,
40
տարեկան
եւ
ամուսնացեալ
անձերէ
բաղկացած
պիտի
ըլլան:
Առաջին
երեքը
քաղաքականէ
եւ
վերջինը
խառն
ժողովէ
պիտի
ընտրուի:
Վարչական
եւ
տեսուչ
ժողովներ
ամէն
տարի
կիսովի
պիտի
նորոգուին,
եւ
ելլողները
նոյն
պաշտօնին
անմիջապէս
վերընտրելի
պիտի
չըլլան:
Թաղական
խորհուրդները
ըստ
տեղւոյն
5-է
9
անդամներէ
պիտի
բաղկանան
եւ
թաղեցի
ընտրողներէ
պիտի
ընտրուին,
եւ
չորս
տարին
անգամ
մը
ամբողջովին
պիտի
նորոգուին
վերընտրութեան
իրաւունքով:
Դիւանատունը
պիտի
ունենայ
թղթակցութեան
եւ
արձանագրութեան
եւ
ազգահամարի
գրասենեակներ,
կարող
դիւանապետ
մը
եւ
բաւական
թուով
դիւանադպիրներ,
եւ
օրը
8
ժամ
բաց
պիտի
պահուի:
Գաւառական
վարչութիւններ
կեդրոնին
նմանութեամբ
պիտի
կազմուին,
վարչական
ժողովներ
7-էն
12,
եւ
տեսուչ
եւ
թաղական
խորհուրդներ
5-էն
9
անդամներով:
Ազգային
տուրքը
ընդհանուր
եւ
մասնաւոր
պիտի
ըլլայ,
վարչական
եւ
թաղական
ծախուց
յատկացեալ,
քանակին
հիմ
պիտի
կազմէ
իւրաքանչիւրին
կարողութիւնը,
չափը
պիտի
որոշուի
վարչութիւններէ,
եւ
գաւառները
իրենց
հաւաքածէն
հարիւրին
այսքան
մը
պիտի
տան
կեդրոնին:
Վարչական
եւ
տեսչական
եւ
թաղական
ժողովականներ,
առանց
պատճառի
երրորդ
բացակայութենէն
ետքը,
կրկին
ազդարարութիւններ
պիտի
ընդունին,
եւ
հինգերորդ
առանց
պատճառի
բացակայութենէ
ետքը
հրաժարեալ
պիտի
նկատուին:
Վերաքննութիւնը
երրորդ
տարիէ
ետքը
պիտի
կարենայ
ըլլալ,
եւ
պատրաստութիւնները
30
անդամէ
կազմուած
յանձնաժողովի
մը
պիտի
յանձնուին:
Սահմանադրութիւնը
ընդարձակօրէն
կը
բացատրէ
ժողովներուն
ձեռնհասութիւնները
եւ
ընտրութեանց
ձեւերը:
Ընտրողութեան
իրաւունքը
25
տարեկանին
կը
պահէ,
ընտրելիութիւնը
30
տարեկանին,
եւ
զրկմանց
պատճառներուն
մէջ
սովորականներէն
զատ
կայ
նաեւ
ազգային
տուրքի
վճարումի
մերժումը:
Սահմանադրութեան
մնացեալ
յօդուածները
ընդհանրապէս
ծանօթ
եւ
սովորական
բաներ
ըլլալուն
զանց
կ՚ընենք
յիշել:
Նոյնպէս
առ
այժմ
զանց
կ՚ընենք
սահմանադրութեան
մասին
խորհրդածութիւններ
աւելցնել,
վերապահելով
զայն
ընել
սահմանադրութեան
կառավարութենէ
հաստատուելէն
ետքը,
զի
այս
1860-ի
սահմանադրութիւնը
իր
ամբողջութեամբ
կիրառութեան
չմտաւ:
2709.
ԱՆՈՐ
ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ
Մայիս
24-ին
ընտրուած
առժամեայ
ժողովը
(§
2707),
Մկրտիչ
Աղաթոնեանի
ատենապետութեամբ,
ամէն
ջանք
թափեց
օր
առաջ
երեսփոխանական
ընտրութիւններ
կատարել
տալ
մայրաքաղաքի
եւ
մօտակայ
վիճակներու
մէջ,
եւ
անուանեց
յիրաւանց
անդամակցութեան
պայմաններ
ունեցողները,
եւ
երբոր
օրինաւոր
նիստ
կազմելու
բաւական
ընտրութիւններ
կատարուեցան,
երեսփոխանական
ընդհանուր
ժողովոյ
առաջին
նիստը
գումարուեցաւ
1860
օգոստոս
25-ին,
Աստուածածնայ
իննօրէնքին
վրայ
եկող
հինգշաբթին
մայր
վարժարանի
սրահին
մէջ,
Սարգիս
պատրիարքի
նախագահութեամբ,
եւ
120
ընտրեալ
եւ
60
յիրաւանց
անդամներու
ներկայութեամբ:
Մկրտիչ
Աղաթոնեան
մանրամասնեալ
տեղեկութիւններ
տուաւ
ընտրութեանց
մասին,
պատկերացուց
ազգին
կացութիւնը
(ՔԷՉ.
139),
եւ
յատկապէս
ծանրացաւ
ազգային
պարտքին
վրայ,
որ
զանազան
գլուխները
գումարելով
կը
հասնէր
1,
047,
476
դահեկանի
(ՔԷՉ.
135),
եւ
յիշեց
այդ
մասին
ձեռք
առնուած
առժամանակեայ
կարգադրութիւնները:
Ժողովը
գոհութեամբ
վաւերացուց
առժամեայ
վարչութեան
արարքն,
եւ
անցաւ
երկու
վարչական
ժողովներն
ընտրել.
կրօնական
ժողովին
14
անդամներուն
ցուցակին
չհանդիպեցանք,
իսկ
քաղաքական
ժողովին
20
անդամներէն
միայն
Միրիճան
Փափազեան
Ամիրա
պատուանունով
նշանակուած
է,
հինգ
հատ
ալ
էֆէնտի
պատուանունով:
Գրիգոր
Մարկոսեան,
Մինաս
Մինասեան,
Արիստակէս
Ալթունտիւրրի,
Եաղուպ
Եաղուպեան,
եւ
Սահակ
Ապրոյեան.
իսկ
մնացեալ
տասուերկուքը
աղա
են
կոչուած,
Մկրտիչ
Աղաթոնեան,
Յարութիւն
Սարուխանեան,
Ասապա
Համբարձումեան,
Մանուէլ
Նէվրուզեան,
Մկրտիչ
Ֆրէնկեան,
Յակոբ
Մուպահեաճեան,
Յակոբ
Նորատունկեան,
Յովհաննէս
Այվատեան,
Յովհաննէս
Մարտիրոսեան,
Պօղոս
Օտեան,
Սիմոն
Նորատունկեան
եւ
Վարդերես
Միսաքեան
(ՔԷՉ.
32):
Դիտելի
կը
նկատենք
որ
ընտրեալներուն
մէջ
չենք
գտնէր
սահմանադրութիւնը
պատրաստող
եւ
կազմող
նորահասներուն
անունները,
ինչ
որ
կը
ցուցնէ
թէ
Ընդհանուր
ժողովը
ուզած
է
գործնական
պաշտօնները
փորձառուներու
ձեռքը
յանձնել:
Վարչական
ժողովներ
պետական
հաստատութիւնը
ստացան
սահմանադրութենէ
անկախաբար
նախընթաց
ժողովներու
կազմութեան
հիմամբ
(§
2595),
եւ
առաջին
նիստը
կազմեցին
սեպտեմբեր
14-ին
Խաչին
չորեքշաբթի
օրը,
որուն
մէջ
ընտրուեցան
Մարկոսեան
ատենապետ
եւ
Մինասեան
դերատենապետ,
Աղաթոնեան
ատենադպիր
եւ
Սարուխանեան
դերատենադպիր
եւ
մինչեւ
Ծնունդ`
17
նիստեր
տեղի
ունեցան
(ՔԱՂ.
19),
որոնց
մէջ
գլխաւորապէս
հետապնդում
եղաւ
սահմանադրական
կազմութիւնը
գործադրութեան
մտցնել
թէ
մայրաքաղաքին
եւ
թէ
գաւառներուն
մէջ,
տեսուչ
խորհուրդներ
եւ
դիւանական
պաշտօնեաներ
ընտրել,
գաւառներուն
համար
հրահանգներ
պատրաստել
եւ
թաղական
խորհուրդներ
ընտրել
տալ:
Բայց
ասոնցմէ
ամէնքը
մինչեւ
երեք
ու
չորս
ամիսներ
տեւեցին,
որ
է
ըսել
1860
տարւոյ
վերջին
ամիսները
գրաւեցին
(ՔԱՂ.
5):
2710.
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ
ԵՒ
ԿԵԴՐՈՆ
Բայց
ծանրագոյն
խնդիրը
պարտուց
վճարումն
էր,
զոր
վարչութիւնը
Ընդհանուր
ժողովոյ
նոյեմբեր
4-ի
նիստին
ներկայեց,
եւ
երեսփոխանութիւնն
ալ
որոշեց
600,
000
դահեկան
Երուսաղէմի
սնտուկէն
փոխ
առնուլ
(ՔԱՂ.
12)
եւ
մնացեալին
համար
կամաւոր
նուէրներ
հաւաքել
(ՔԷՉ.
136):
Երուսաղէմէ
փոխառութեան
գաղափարը
նախապէս
Փարիզի
Հայկազնեանի
համար
մտածուած
էր,
եւ
Սերվիչէն
բժշկապետ
այդ
առաջարկը
Յովհաննէս
պատրիարքին
ներկայած
էր
եւ
Յովհաննէս
ճարտարութեամբ
գործը
յետաձգելու
ձեւին
վերածած
էր
(§
2701):
Ընդհանուր
ժողովը
այս
անգամ
զայն
պատրիարքարանի
պարտքին
կը
պատշաճեցնէ,
եւ
վարչութիւնը
նոյեմբեր
11-ի
նիստին
մէջ
պաշտօնապէս
կը
գրէ
Յովհաննէս
պատրիարքին,
որ
Սերվիչէնի
տուած
պատասխանին
նման
մինչեւ
Զատիկ
սպասել
եւ
միանգամայն
գումարը
պակսեցնել
կը
պատասխանէ,
բայց
մինչեւ
որ
դեկտեմբեր
30-ին
այդ
պատասխանը
վարչութեան
հասնէր`
Յովհաննէս
վախճանած
էր
23-ին:
Նոր
1861
տարւոյ
յունուար
4-ին
դարձեալ
միեւնոյն
պատասխանը
կը
հասնէր
Յովհաննէսէ
իր
վերջին
օրերը
գրուած,
որուն
վրայ
բժշկապետ
Սերվիչէնէ,
որ
Ընդհանուր
ժողովոյ
ատենապետ
էր,
բերանացի
տեղեկութիւններ
կը
քաղէ
Երուսաղէմի
վարչութեան
եւ
միաբանական
վիճակին
վրայ,
բոլորն
ալ
տխուր
գոյներով
ներկայացուած:
Վարչութիւնը
այդ
տրամադրութեանց
ներքեւ
կ՚որոշէ
Յովհաննէս
պատրիարքի
վճռաբար
հասկցնել,
որ
ինքը
չունի
իշխանութիւն
Ընդհանուր
ժողովոյն
որոշումը
փոխելու,
մինչ
պէտք
էր
դիտել
որ
Ընդհանուր
ժողովը
ոչ
թէ
օրէնք
եւ
կանոն
կը
հաստատէր,
այլ
ուրիշի
սնտուկին
մատակարարութեան
ձեռնամուխ
կ՚ըլլար:
Այդ
տրամադրութեանց
մէջ
էր
վարչութիւնը,
երբ
յունուար
1-ին
Յովհաննէսին
մահը
կը
լսէ
(ՔԱՂ.
13)
որ
յունուար
1-ին
դրուած
էր
(§
2705),
եւ
պատեհը
հասած
կը
կարծէ
Երուսաղէմի
սնտուկին
տիրապետելու`
դուրսէն
տեղապահ
կամ
առժամեայ
կառավարիչ
մը
յղելով:
Ուստի
12-ին
կը
հեռագրուի
Զմիւռնիոյ
առաջնորդ
Թաքթաքեան
Պօղոս
եպիսկոպոսի,
որ
ուղեւորութեան
պատրաստուի
(ՍԱՒ.
1353),
եւ
13-ին
անգամ
մըն
ալ
Սերվիչէնի
տեղեկութիւնները
լսելով,
անբաւական
թուով
գումարման
մը
մէջ
(ՏԷՐ.
73),
Թաքթաքեանի
կը
հեռագրէ
անմիջապէս
Երուսաղէմ
մեկնիլ
(ՔԱՂ.
13):
Սակայն
Թաքթաքեան,
այր
խոհական
եւ
հեռատես,
եւ
մանաւանդ
վանական
ձեւերու
եւ
կացութեանց
փորձառու,
եւ
Արմաշի
միաբանութենէն
եւ
պաշտօնավարութենէն
վարժուած,
եւ
ճանչնալով
զներքին
խորհուրդս
մտաց
ժողովոյն,
որ
տեղապահի
անուանմամբ
պատրիարք
ալ
դնելու
ճամբայ
կ՚ուզէ
բանալ,
կը
հրաժարի
առաջարկուած
պաշտօնէն
եւ
տեղէ
չշարժուիր
(ՍԱՒ.
1353):
Իսկ
վարչութիւնը
միւս
կողմէն
Երուսաղէմի
համար
կանոնագիր
մը
պատրաստել
կու
տայ
խառն
յանձնաժողովի
ձեռքով,
առանց
մտադրութիւն
դարձնելու
Գէորգ
եպիսկոպոսի
միաբանութեան
կողմէ
պատրիարքութեան
ներկայացուելուն
եւ
այդ
մասին
Երուսաղէմէ
եկած
գրութեան
(ԵՂՄ.
3):
Իրեն
նպաստաւոր
կը
գտնէր
քիչ
որ
ետքը
փետրուար
10-ին
հասնող
Գէորգի
մահուան
լուրը
(§
2705),
եւ
աւելի
եւս
իր
դիտման
մէջ
յառաջանալու
կը
քաջալերուէր,
մինչ
միաբանութիւնը
ազգային
սահմանադրութեան
հետեւել
եւ
ամէն
բան
բարեկարգել
խոստանալով
մէկտեղ,
կեդրոնէն
կը
խնդրէր
անպատճառ
միաբաններէն
մէկը
պատրիարք
ընտրել
(ՔԱՂ.
13),
եւ
դուրսէն
մէկ
կամ
միաբանութենէ
անջատեալ
կամ
հեռացեալ
մը
բնաւ
չէր
ընդուներ
եւ
իբրեւ
յարմարագոյն
կը
ներկայէր
Բաբերդցի
Աստուածատուրեան
Իսահակ
վարդապետը,
նոյն
ինքն
Իսահակ
Գաղատացւոյն
հետ
Հնդկաց
նուիրակութեան
գացող
Սարգիս
սարկաւագը
(§
2628),
որ
Կ.
Պոլսոյ
փոխանորդ
էր:
Գործին
աւելի
ոյժ
տալու
համար
կ՚որոշեն
ճամբայ
հանել
Տիգրանակերտցի
Յակոբ
Յովհաննէսեան
Զարզաւաճթեան
վարդապետը,
իբր
Կ.
Պոլսոյ
փոխանորդութեան
օգնական
(ԵՂՄ.
8):
Միաբանութիւնը
Իսահակը
ներկայած
ատեն
նկատի
ունէր
անոր
արժանաւորութենէն
զատ,
հանգուցեալ
Գէորգէն
ալ
ընտրելի
ցուցուած
ըլլալը
(ԵՂՄ.
9),
այլ
եւ
Կ.
Պոլսոյ
ալ
քաջածանօթ
եւ
ընդունելի
եւ
անոնց
ալ
հաճելի
նկատուիլը:
Վրայ
կը
բերէին
թէ
ամէն
առթի
մէջ
չեն
ընդունիր
ոչ
զոք
արտաքոյ
միաբանութեան
կամ
ի
միաբանութենէ
անջատելոցն
(ՍԱՒ.
1355):
Իսկ
Երուսաղէմի
մէջ
միաբան
եպիսկոպոս
մնացած
չըլլալուն
Ատեամանցի
Վրթանէս
Վարդանեան
ծերունի
վարդապետը
տեղապահութեան
կ՚ընտրուէր
(ՍԱՒ.
1354).
իսկ
հանդիսութեանց
եւ
ձեռնադրութեանց
համար
կ՚օգտուէին
Գերմանիկցի
Մեսրոպ
եպիսկոպոսի
ներկայութենէն,
Սսոյ
միաբան
եւ
Անտիոքայ
առաջնորդ,
որ
բարեպատեհ
զուգադիպութեամբ
Երուսաղէմ
ուխտի
գալով,
այնտեղ
մնաց
եւ
մինչեւ
1863
մարտ
14
ապրեցաւ
(ԱՍՏ.
Բ.
551):
2711.
ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
ԵՒ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Վերոյիշեալ
պաշտօնագիրը,
որով
Իսահակի
ընտրութեան
եւ
Յակոբի
առաքման
որոշումը
կը
հաղորդուէր,
1861
յունուար
24-ին
ստորագրուած
էր,
բայց
Յակոբի
մեկնելէն
առաջ
միաբանական
կասկածները
կը
շատնան,
որովհետեւ
իրենց
առջի
գիրերու
պատասխան
չէին
առեր,
եւ
միւս
կողմէն
Կ.
Պոլսոյ
անցուդարձերուն
վրայ
ալ
փոքրիշատէ
լուրեր
կը
ստանային
Իսահակ
փոխանորդէն
յունուար
28-ին
հասած
նամակով:
Ուստի
գործը
աւելի
ամուր
բռնելու
համար,
որչափ
միաբաններ
կային
Երուսաղէմի
մէջ,
յունուար
29-ին
կիրակի
օր
խորհրդակցութիւն
կը
կատարեն,
եւ
վերջնական
կերպով
եւ
համախոհ
եւ
միասիրտ
ու
միակամ
միաբանութեամբ
ուխտագիր
մը
կը
ստորագրեն
Միաբանական
կանոն
աւանդապահութեան
վերտառութեամբ,
որով
կը
յայտարարեն
չընդունիլ
արտաքոյ
միաբանութեան
սրբոյ
աթոռոյս
թէ
պատրիարք,
թէ
տեղապահ
եւ
թէ
քննիչ,
եւ
այդ
կէտին
վրայ
ճգնել
մինչեւ
ցմահ
կենաց
մերոց,
եւ
ի
հաստատութիւն
որոշման
ըստ
ուխտագրին
ամէնքն
ալ
կը
ստորագրեն
(ԵՂՄ.
7):
Պաշտօնական
թուղթ
մըն
ալ
կը
գրեն
դարձեալ
յանուն
պատրիարքին
եւ
քաղաքական
ժողովոյ
փետրուար
2
թուականով,
որուն
մէջ
ազդու
եւ
վճռական
կերպով
կը
պատմեն
թէ
որչափ
վնասակար
եղած
է
աթոռին`
օտարին
իշխանութիւնը,
ինչչափ
արդիւնքներ
ունեցած
է
միաբանութիւնը
սուրբ
տեղերը
պաշտպանելու
մէջ,
եւ
թէ
ինչպէս
օտարաց
առջեւ
ալ
աթոռին
անարգանք
եւ
տկարութիւն
պիտի
պատճառէ
դուրսէն
մէկուն
պաշտօնի
անցնիլը,
թէ
ինչպէս
նախնիք
փակեցին
ընդ
նզովիւք
արտաքոյ
լրութեան
միաբանութեան
չընդունիլ
զոք
(ԵՂՄ.
5-10):
Գրութիւն
մըն
ալ
յատկապէս
ուղղեցին
Սարգիս
պատրիարքին
(ԵՂՄ.
11)
եւ
մասնաւոր
նամակներ
մեծամեծներէն
եւ
ժողովականներէն
նշանաւորներուն
(ԵՂՄ.
13):
Նամակ
մըն
ալ
փոխանորդ
Իսահակին
իրենց
մտածածն
ու
ըրածը
հաղորդելու
(ԵՂՄ.
72),
եւ
դարձեալ
ուրիշ
նամակ
մըն
ալ
իրեն
մասին
եղած
ընտրութիւնը
յարգելու
(ԵՂՄ.
14):
Յակոբ
վարդապետի
կը
յանձնեն
եւս
զօրինակս
ուխտադրութեան
եւ
զկանոնացն
կապելոց
ի
սկիզբն
յունուարի
(ՍԱՒ.
1355),
եւ
բոլոր
այդ
թուղթերով
զօրացած
վերջապէս
Յակոբ
կը
մեկնի
եւ
յաջողութեամբ
կը
հասնի
Կ.
Պոլիս,
ուր
սակայն
կը
տեսնէ
թէ
բոլորվին
տարբեր
գաղափարներ
կը
տիրեն,
եւ
Երուսաղէմի
հանդէպ
ընդդիմութեան
հովեր
կը
շնչեն:
Այդ
ուղղութեան
ոյժ
տուողը
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքութեան
քաղաքական
ժողովն
էր,
որ
երկու
կէտերու
վրայ
դրած
էր
իր
զօրութիւնը,
դուրսէն
տեղապահ
մը
ղրկել
Երուսաղէմ
եւ
անոր
ձեռքով
իր
պատրաստած
կանոնադրութիւնը
գործադրել
տալ:
Թէպէտ
Թաքթաքեան
հրաժարած
էր,
սակայն
կային
ուրիշ
եպիսկոպոսներ,
որոնք
պատրաստականութիւն
կը
յայտնէին
տեղապահութիւնն
ալ
պատրիարքութիւնն
ալ
ընդունելու
(ՍԱՒ.
1353),
եւ
այս
կարգին
յանուանէ
կը
յիշուին
Գէորգ
նախորդ
պատրիարք
եւ
Սարգիս
այժմեան
պատրիարք,
որոնք
խոստում
ալ
կու
տային
Երուսաղէմի
սնտուկէն
կեդրոնին
սպասած
դրամական
օգնութիւնն
հասցնել,
զի
վարչութեան
միտքին
մէջ
առաւել
քան
Երուսաղէմը
բարեկարգելու,
կեդրոնը
նիւթականապէս
նպաստաւորելու
գաղափարը
կը
տիրէր
(ՔԷՉ.
141):
Խնդիրը
վերջապէս
Ընդհանուր
ժողովի
առջեւ
ելաւ
փետրուար
17-ին,
կանոնագիրը
ընդունուեցաւ
եւ
հաստատուեցաւ,
բայց
դուրսէն
նշանաւոր
եպիսկոպոս
մը
տեղապահ
կամ
նախագահ
ընտրելու
կէտը
չքալեց,
զի
արդէն
ազգին
մէջ
պառակտումը
սկսած
էր,
եւ
միաբանութենէ
դուրս
մէկու
մը
տեղապահ
ընտրուիլը
ընդհանուր
հաւանութեան
չէր
հանդիպեր:
Վարչութիւնը
իր
տեսակէտին
վրայ
պնդած
ատեն
Յակոբոս
նախկին
պատրիարք
կ՚ընդդիմախօսէր
եւ
եպիսկոպոսի
մը
ներկայութեան
պէտք
չըլլալը
կը
զգացնէր
Գերմանիկցի
Մեսրոպ
եպիսկոպոսին
ներկայութիւնը
յիշելով:
Ասոր
վրայ
Երուսաղէմէ
ղրկուած
Յակոբ
վարդապետն
ալ
Երուսաղէմի
միաբանութեան
ուխտագիր
յայտարարութիւնը
մէջտեղ
կը
հանէ,
քաղաքականի
ատենապետ
Մարկոսեան
կ՚ուզէ
բացատրութեան
մտնել,
սակայն
նզովիւք
արգիլեալ
է,
եւ
նզովք
է
յայդմիկ
ձայները
կը
բարձրանան,
եւ
քուէի
կ՚անցնին
եւ
66
քուէի
դէմ
83
քուէով
կը
մերժուի
տեղապահ
ընտրելու
եւ
ղրկելու
առաջարկը
(ՍԱՒ.
1363):
Նզովքի
խօսքը
Կարապետ
կաթողիկոսի
վճիռին
արձագանգն
է
(§
1949),
որ
ազգայնոց
ականջը
հասած
էր,
գլխաւորապէս
Իսահակ
վարդապետի
նախաձեռնութեամբ:
Երուսաղէմական
կուսակցութիւն
մըն
ալ
կազմուած
էր
Յակոբոս
նախկին
պատրիարքի
գլխաւորութեամբ
(ՔԷՉ.
141),
եւ
Տէրոյենցի
բուռն
պաշտպանութեամբ,
թէպէտ
խաւարեալ
յորջորջուած
տարրերէ
բաղկացած:
Իսկ
լուսաւորեալ
կոչուածներ
կամ
սահմանադրականներ
կը
հիմնուէին
սահմանադրութեան
տարրին,
որ
Երուսաղէմայ
եւ
Պոլսի
պատրիարքաց
ընտրութիւնը
բացարձակ
եւ
անպայման
կերպով
ընդհանուր
ժողովի
յատկացուցած
էր
(ՊԷՐ.
396),
իսկ
նզովքի
փաստը
Ասորի
Հաննա
պատմագիրի
վկայութեան
վերագրելով
(ՔԷՉ.
142)
եւ
Հաննայի
նզովք
կոչելով
(ՔԷՉ.
140),
առ
ոչինչ
կը
գրէին,
մինչ
Հաննա`
Շղթայակիրին
գործակից
Երուսաղեմացի
Յովհաննէս
բազմարդիւն
հայ
եպիսկոպոսն
է
(§
1927)
եւ
Կարապետ
Ուլնեցի
կաթողիկոսի
արտասանած
վճիռը
իր
պատմութեան
մէջ
յիշող
մըն
է,
եւ
ոչ
թէ
նզովք
արձակող
մը
(§
1949):
Իսկ
եթէ
նախորդ
պատրիարք
Գէորգն
ալ
դուրսէն
ընտրուելու
կողմն
էր,
պատճառը
պարզապէս
ինքն
ընտրուելու
ակնկալութիւնն
էր
(ՔԷՉ.
141):
2712.
ԿԱՆՈՆԱԳԻՐԻ
ԱՄՓՈՓՈՒՄ
Ընդհանուր
ժողովը
որ
միայն
կանոնագրութիւնը
հաստատած
էր,
վարչութենէ
կը
պահանջէր
որ
այն
կէտառկէտ
գործադրուի,
որուն
վարչութիւնը
կը
պատասխանէ,
թէ
իր
երկար
խորհրդածութեամբ
պատրաստած
դուրսէն
տեղապահ
մը
ընտրելու
միջոցը
ընդհանուր
ժողովոյ
կողմէն
չընդունուելէն
ետեւ,
գործադրութեան
պատասխանատուութիւնը
չի
կրնար
ընդունիլ,
եւ
ուրիշ
բան
չի
կրնար
ընել
բայց
եթէ
վաւերացեալ
օրինակները
յատուկ
պատրիարքական
նամակով
ղրկել
միաբանութեան,
Աստուծոյ
եւ
խղճի
յանձն
առնելով
գործադրութեան
հոգը
(ՔԱՂ.
14):
Իրօք
ալ
այս
կերպով
կը
հաղորդէր
այս
կանոնագրութիւնը
պատրիարքական
մարտ
6-ի
նամակով,
որ
հասած
էր
16-ին,
եւ
միանգամայն
կ՚առաջարկուէր
պատրիարքութեան
համար
երեք
ընտրելիներ
ներկայել
քուէարկութեամբ
(ԵՂՄ.
39):
Վարչութենէն
պատրաստուած
եւ
ընդհանուրէն
դուզնաքեայ
փոփոխութիւններով
հաստատուած
կանոնագիրը
(ՍԱՒ.
1362)
42
յօդուածներ
ունի:
Առաջին
յօդուածը
Երուսաղէմի
վարչութիւնը
կը
յանձնէ
պատրիարքէ
նախագահուած
տնօրէն
ժողովի
մը,
թէ
ի
կրօնական,
թէ
ի
քաղաքական
եւ
թէ
յուսումնական
մասին:
2-րդ
յօդուածը
ընդհանուր
ժողովի
անդամ
կ՚ընդունի
եպիսկոպոսներ,
վարդապետներ,
աւագ
սարկաւագներ
եւ
աւագ
դպիրներ.
3-րդ
յօդուածը
երկուերորդ
մասին
ներկայութիւնը
կը
պահանջէ
որոշմանց
վաւերականութեան
համար.
4-րդ
յօդուածը
ընդհանուր
ժողովին
կու
տայ
պատրիարքցուներու,
աւագլուսարարի
եւ
տնօրէն
ժողովի
անդամներու
ընտրութիւնները,
եւ
ծանր
խնդիրները.
5-րդը
կ՚ըսէ
որ
պատրիարքցուներու
եւ
ժողովականներու
ընտրութիւնները
Կ.
Պոլիս
պիտի
հաղորդուին.
6-րդ`
որոշումները
գաղտնի
կամ
յայտնի
քուէով
պիտի
ըլլան,
իսկ
ընտրութիւնները
միշտ
գաղտնի
քուէով:
7-11-րդ`
միաբանութիւնը
պիտի
ունենայ
ժառանգաւորաց
դպրոց,
թանգարան,
տպարան,
հիւանդանոց
դեղարանով
եւ
բժիշկով,
եւ
սնտուկ
պատրիարքին
մօտ
ժապաւինեալ
տոմարով
եւ
բանալիքով
տնօրէնին
ձեռքը:
12-րդ
կալուածոց
գնումը
տնօրէնին
կը
թողուի,
իսկ
վաճառումը
կեդրոնին
կը
պահուի:
13-րդ
Տնօրէն
ժողովը
պիտի
ունենայ
տասն
անդամներ,
լուսարարապետ,
փոխանորդ,
ուսումնապետ
եւ
եօթն
ընտրեալներ.
14-րդ
պիտի
ունենայ
ատենապետ
եւ
ատենադպիր,
15-րդ
պիտի
հսկէ
ամենայնի.
16-րդ
պիտի
ընտրէ
պաշտօնեաներ.
17-րդ
որոշումներ
պիտի
տայ
յայտնի
կամ
գաղտնի
քուէով,
իսկ
ընտրութիւնները
պիտի
ընէ
միշտ
գաղտնի
քուէով,
18-րդ
պիտի
գործէ
անդամներէն
կէսէն
աւելիին
ներկայութեամբ.
19-րդ
երեք
տարիէ
պիտի
փոխուին
ընտրեալ
անդամներ,
բայց
վերընտրելի
են.
20-րդ
պիտի
ամբաստանուին
ընդհանուր
ժողովին
առջեւ.
21-րդ
տնօրէնը`
երբ
եւ
ուզէ
հաշիւ
կը
պահանջէ
պաշտօնեաներէ,
տարեկան
հաշիւները
կը
փակէ
մայիսին,
որոնք
հետզհետէ
կ՚անցնին
պատրիարքին,
ընդհանուրին
եւ
կեդրոնին,
կ՚աւելցուի
նաեւ
թէ
տնօրէնը
պիտի
շարունակէ
վճարել
կեդրոնի
տարեկան
նպաստը.
22-րդ
պատրիարքը
գլուխ
է
միաբանութեան
եւ
նախագահ
ընդհանուրին
եւ
տնօրէնին.
23-րդ
ընտրութիւնները
կը
հաստատէ
եւ
որոշումները
կը
գործադրէ.
24-25-րդ
կը
ձեռնադրէ
եւ
վարդապետութեան
վկայական
կու
տայ
տնօրէնի
հաւանութեամբ.
26-րդ
պիտի
ըլլայ
գոնէ
33
տարեկան
եւ
վկայեալ.
27-րդ
պիտի
ըլլայ
միաբանութեան
եպիսկոպոսներէն
կամ
վարդապետներէն.
28-րդ
եւ
պիտի
ընտրուի
կեդրոնի
Ընդհանուր
ժողովէն
միաբանութեան
ներկայած
երեք
ընտրելիներուն
մէջէն.
29-րդ
գլխաւոր
պաշտօնեաներ
են
լուսարարապետ,
փոխանորդ,
ուսումնապետ,
դարպասընկալ,
թարգման,
մատակարար,
հիւրընկալ
եւ
ուրիշներ
ի
հարկին.
30-36-րդ
ասոնց
պաշտօնները
կը
ճշդուին.
37-րդ
պատասխանատու
են
եւ
պիտի
հնազանդին
տնօրէնին.
38-րդ
Կ.
Պոլսոյ
կեդրոնական
վարչութիւնը
պատրիարք
կ՚ընտրէ
երեք
ընտրելիներուն
մէջէն.
39-րդ
կը
հաստատէ
տնօրէնի
անդամները.
40-րդ
կու
տայ
վարժարանական
ծրագիրը.
41-րդ
քննիչ
կը
ղրկէ.
42-րդ
թէպէտ
կրնայ
վանքը
մատակարարել
իրմէ
անուանուած
երկու
գործակալներով,
բայց
առ
այժմ
միաբանութեան
կը
յանձնէ,
եւ
կը
յուսայ
թէ
չստիպուիր
իր
իրաւունքը
գործադրել
(ՍԱՒ.
1356-1362):
Մանրամասնօրէն
քաղեցինք
սահմանադրութենէն
ետքը
կազմուած
այս
առաջին
կանոնագիրին
պարունակութիւնը,
որպէսզի
լաւ
հասկցուին
եւ
կշռադատուին
այն
խնդիրները
եւ
միաբանութեան
ու
կեդրոնին
միջեւ
մղուած
պայքարները,
որոնք
տարիներ
տեւեցին:
2713.
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ
ՏԵՍՈՒԹԻՒՆՔ
Միաբանութիւնն
փետրուար
2-ի
գրութիւններէն
ետքը,
զորս
Յակոբ
վարդապետ
տարած
էր
Կ.
Պոլիս
(§
2711)
փետրուար
23-ին
եւ
մարտ
16-ին
դարձեալ
նոյն
իմաստով
գրութիւններ
ուղղած
էր
կեդրոնական
վարչութեան
եւ
պատրիարքին
(ԵՂՄ.
18-39),
միշտ
դուրսէ
տեղապահ
կամ
պատրիարք
ընտրելու
անկանոնութիւնն
ու
վնասները
բացատրելով:
Գրութիւն
մըն
ալ
յղուած
էր
Մատթէոս
կաթողիկոսի
միաբանական
իրաւունքներուն
պաշտպանութիւնը
խնդրելով
(ԵՂՄ.
30)
եւ
ամէն
գիրերն
ալ
ստորագրած
էին,
միակամ
կամօքն
լրութեան
սրբոյ
աթոռոյս
Երուսաղէմի
(ԵՂՄ.
32),
եւ
իրօք
ալ
օրինակելի
համամտութիւն
կը
տիրէր
բոլոր
միաբաններու
մէջ:
Յովհաննէսի
մահուանէ
ի
վեր
կեդրոնէն
որեւէ
պատասխան
մը
չառնող
միաբանութիւնը,
կարծես
գոհունակութիւն
զգաց
Սարգիս
պատրիարքի
1861
մարտ
6-ի
նամակը
ստանալով
ամսոյն
16-ին,
որով
պատրիարքութեան
ընտրելիներ
միաբանութենէն
պիտի
ցուցուէին,
իսկ
կանոնագիրն
ալ
պարզ
կերպով
մը
կը
հաղորդուէր,
որ
է
ըսել
թէ
հարկաւ
դիտողութիւններ
պիտի
չմերժուէին,
ուստի
մարտ
20-ին
մեծ
պահոց
երրորդ
երեքշաբթին
երեկոյի
ընթրիքէն
յետոյ
մայր
տաճարը
կը
հաւաքուին
Վրթանէս
վարդապետ
ծերունազարդ
տեղապահին
նախագահութեամբ,
եւ
աղօթքներէ
ու
սաղմոսներէ
ու
ընթերցուածներէ
ետքը
կարգաւ
կ՚երթան
քուէնին
արկանել
ի
տեղի
արիւնամած
սուրբ
գլխոյ
մեծի
առաքելոյն
Յակոբայ,
զորս
երկու
խոստովանահայրեր
դուրս
կը
բերեն
եւ
ամէնուն
առջեւ
բանալով
կը
համրեն.
Իսահակ
վարդապետ
Աստուածատուրեանի
64
քուէ,
Յակոբ
վարդապետ
Յովհաննէսեանի
7
քուէ,
եւ
Եսայի
վարդապետ
Կարապետեանը
եւս
7
քուէ
(ԵՂՄ.
41).
իսկ
անոնցմէ
զատ
քուէ
ստացող
վարդապետներ
եղած
են,
Ղուկաս
4,
Պետրոս
3,
եւ
Պօղոս,
Աթանաս,
Սիմէոն
ու
Մարկոս
մէկմէկ
(ԵՂՄ.
44),
եւ
ըստ
այլոց
Ստեփան
վարդապետ
եւս
1
քուէ
(ՀՐՔ.
Բ.
31)
կամ
3
քուէ
(ՏԷՐ.
123),
բովանդակ
գումարը
կամ
90
կամ
92
քուէ:
Հարկաւ
այս
առթիւ
խորհրդակցած
են
կանոնագիրի
համար
ալ,
որովհետեւ
կը
տեսնանք
թէ
8
դիտողութիւններ
գիրի
առած
են
այդ
մասին:
Ա.
Առաջին
յօդուածով
տնօրէնին
յանձնուած
պաշտօնը
կ՚ընդունին,
եթէ
անոր
օգնող
արտաքին
խորհուրդ
մըն
ալ
ըլլայ,
միաբաններէ
կազմուած
եւ
միաբանութենէ
ընտրուած,
մատակարարութեան
համար,
որով
մերժած
կ՚ըլլան
42-րդ
յօդուածը:
Բ.
7-րդ
յօդուածով
նշանակուած
ժառանգաւորաց
վարժարանը
կ՚ընդունին,
պայմանով
որ
ծրագիրը
միաբանութիւնը
իր
կողմէ
իր
կարողութեան
եւ
կացութեան
համեմատ
պատրաստէ,
որով
մերժած
կ՚ըլլան
40-րդ
յօդուածը:
Գ.
8-րդ
եւ
9-րդ
յօդուածներով
նշանակուած
թանգարանն
ու
տպարանը
գոյութիւն
ունին
կ՚ըսեն,
եւ
միայն
կը
խնդրեն
որ
արտօնութիւն
ունենան
միաբանական
քննութեամբ
հրատարակել
եւ
տպուածները
ազատօրէն
վաճառել,
որ
արդիւնք
ստացուի,
ասով
ալ
կ՚ակնարկեն
Զաքարիա
պատրիարքի
հրատարակածներուն
դէմ
կեդրոնէն
հանուած
դժուարութեանց
(§
2606):
Դ.
12-րդ
յօդուածով
նշանակուած
առանց
կեդրոնի
հաւանութեան
կալուած
վաճառելու
արգելքը
կ՚ընդունին,
զի
միաբանութիւնն
ալ
ոչ
վաճառած
է
եւ
ոչ
վաճառել
կ՚ուզէ,
միայն
կ՚աւելցնեն
որ
կեդրոնն
ալ
առանց
միաբանութեան
հաւանութեան
չկարենայ
վաճառել,
եւ
կը
պահանջեն
որ
դուրսերը
գտնուող
կալուածներու
մասին
միաբանութիւնն
աւելի
իրաւունք
ունենայ
քան
կեդրոնը:
Ե.
21-րդ
յօդուածին
մէջ
յիշուած
տարեկան
120,
000
ղուրուշի
վճարումը
չեն
խոստանար,
զի
ապահով
չէ
վանքին
արդիւնքը,
եւ
եթէ
լաւ
արդիւնաւոր
տարի
ըլլայ
չեն
զլանար
ըստ
մասնեայ
նպաստ
մը:
Զ.
41-րդ
յօդուածով
նշանակուած
քննիչը
չեն
ընդունիր,
որ
հին
պապաներու
կրնայ
վերածուիլ
եւ
անտեղութեանց
առիթ
տալ,
եւ
այդ
մասին
կը
խոստանան
նորէն
գրել:
Է.
41-րդ
յօդուածով
նշանակուած
գործակալները
չեն
ընդունիր,
եւ
բաւական
կը
գտնեն
21-րդ
յօդուածով
որոշուած
համարատուութիւնը:
Ը.
39-րդ
յօդուածին
մէջ
կ՚առաջարկեն
աւելցնել
թէ
միաբանութիւնը
իրաւունք
ունի
դուրսերը
գործակալներ
յղել
կամ
հաստատել,
գրչագիր
հաւաքելու,
կալուածներ
նորոգելու,
հասոյթներ
ստուգելու
եւ
աշակերտ
ընտրելու:
Թէ
երեք
ընտրելեաց
եւ
թէ
կանոնագիրին
մասին
դիտողութեան
համար
պաշտօնագիրները
դրուած
են
մարտ
23
թուականով
(ԵՂՄ.
39-47):
Երեք
ընտրելիներէն
թէպէտ
ո'րն
եւ
ըլլայ
պիտի
ընդունին,
սակայն
կը
խնդրեն
որ
նշանակութիւն
տրուի
իրենց
քուէներուն
եւ
Իսահակ
վարդապետ
նախադասուի,
ինչպէս
Էջմիածինի
քուէարկութեան
մէջ
տրուեցաւ
Աշտարակեցիին
(ԵՂՄ.
41):
Իսկ
կանոնագիրին
մասին
իրենց
ալ
արդէն
կանոնագիրի
ծրագիր
մը
յղած
ըլլալնին
կը
յիշեցնեն,
եւ
կը
խնդրեն
որ
անոր
եւ
ներկայ
դիտողութեանց
համեմատ
նոր
եւ
բարեփոխեալ
կանոնագիր
մը
պատրաստուի
(ԵՂՄ.
40):
2714.
ՆԵՐՍԷՆ-ԴՈՒՐՍԷՆ
ԽՆԴԻՐԸ
Կեդրոնական
վարչութեան
քաղաքական
ժողովը,
թէպէտ
իրեն
դէմ
գտաւ
Ընդհանուր
ժողովը
դուրսէն
տեղապահ
ղրկելու
առաջարկին
մէջ,
սակայն
անով
իր
միտքէն
ետ
չկասեցաւ,
եւ
երբ
երեք
ընտրելիներ
կը
խնդրէր
միաբանութենէն`
միտքովը
զայն
մերժել
կը
պատրաստուէր,
նախատեսելով
որ
միաբանութիւնը
պիտի
չհաւանի
իրեն
կազմած
կանոնագիրին
(ՍԱՒ.
1364):
Երուսաղէմէ
հասած
գիրերը
համաձայն
էին
իր
տեսութեանց,
եւ
այլ
եւս
բացուած
էր
Երուսաղէմի
եւ
Կ.
Պոլսոյ,
կամ
աւելի
ճիշդ
միաբանութեան
եւ
քաղաքականին
միջեւ
պայքարը:
Քաղաքականին
ըսինք
եւ
ոչ
ազգին
կամ
պատրիարքարանին,
զի
մայրաքաղաքի
ամբողջ
հայութիւնը
եւ
վարչութեան
կրօնական
ժողովը
համամիտ
չէին
քաղաքականին
ուղղութեան:
Արդէն
սահմանադրութեան
կազմուելուն
ատենէն
երկուքի
բաժնուած
էր
հանրութիւնը,
որչափ
ալ
երկու
կողմերն
ալ
ազգային
կանոնագրութիւն
մը
կ՚ուզէին
ունենալ,
սակայն
եւրոպական
կրթութեամբ
կամ
շփմամբ
յառաջ
եկածներ
հետամուտ
էին
բուռն
եւ
ընդարձակ
ազատական
ձեւերու,
մինչ
տեղական
եւ
աւանդական
գաղափարներով
սնածներ
կը
սիրէին
ազատութեան
չափաւոր
կիրառութիւնը:
Անոնք
սահմանադրական
էին,
ասոնք
պահպանողական,
բայց
պարծենկոտ
ձեւով
անոնք
ինքզինքնին
լուսաւորեալ
կը
կոչէին,
եւ
իրենց
դիմացինները
խաւարեալ
կ՚անուանէին,
իսկ
յորմէհետէ
Երուսաղէմի
խնդիրը
սկսաւ
հրապարակը
գրաւել,
անոնք
դուրսէն
ընտրութիւնը
կը
պաշտպանէին,
իսկ
ասոնք
ներսէն
ընտրութիւնը
կը
պնդէին,
եւ
ներսէն-դուրսէն
խնդիրը
օրուան
կենսական
խնդիրը
դարձած
էր,
կիրքեր
յուզելու
եւ
շփոթներ
յարուցանելու
չափ:
Այդ
պարագաներուն
մէջ
կը
հասնէին
միաբանութեան
դիտողութիւնները
կանոնագիրին
մասին,
եւ
երեք
ընտրելեաց
ցուցակը
երեք
միաբաններէ
բաղկացած,
եւ
աչքառու
մեծամասնութեամբ
ի
նպաստ
Իսահակ
վարդապետի,
որ
Կ.
Պոլսոյ
մէջ
բուռն
կերպով
կը
պայքարէր
դուրսէնականներուն
դէմ:
Քաղաքական
ժողովը
կանոնագիրին
ամբողջապէս
եւ
պարզապէս
չընդունուելէն
զայրացած,
եռանուն
ցանկը
իբր
չեղեալ
նկատեց,
պատճառելով
թէ
քուէարկութիւնն
միաբանութեանն
խարդաւանօք
իցէ
եւ
ոչ
ըստ
կանոնի
սահմանադրութեան
(ՍԱՒ.
1366):
Ամէն
աննշան
պարագայէ
օգուտ
քաղելու
մտադրութեամբ
քուէներուն
հաշիւին
ալ
մտան,
եւ
Իսահակ
վարդապետի
քուէներուն
անհամեմատաբար
առաւելութիւնը,
եւ
մէկ
գրիչէ
ելած
զանազան
ստորագրութիւնները
խարդախութեան
նշաններ
մեկնեցին:
Ժամանակին
լրագիրներն
ալ
իրենց
ասպարէզ
գտան
ամէն
անհիմն
խօսք
գիրի
առնելու
եւ
զրոյցներ
տարածելու
թէ
միաբանութիւնը
պատուիրակ
թունաւորած
է,
թէ
կարդար-գրել
չգիտցող
վարդապետներ
կան,
թէ
ազգին
դէմ
ապստամբ
են,
թէ
անվայել
լեզու
գործածած
են,
եւ
թէ
նզովքի
խօսքը
կեղակարծ
բան
մըն
է:
Իսկ
ներսէնականներ
իրենց
հիմ
եւ
հիմնական
փաստ
ըրած
էին
Հաննայի
նզովք
կոչուածը,
որուն
իսկապէս
Կարապետ
կաթողիկոսի
վճիռ
ըլլալը
անծանօթ
չէր,
եւ
դուրսէն
առնուած
պատրիարքներուն
երեսէն
Երուսաղէմի
աղէտալի
վնասներ
կրած
ըլլալը
յայտնի
էր:
Մէջտեղ
նետուած
մեղադրանքներուն
ալ
յերիւրածոյ
բաներ
ըլլալը
ստուգուած
էր,
եւ
գլխաւորապէս
նոյն
գրիչէ
ելած
ստորագրութիւններ
ոչ
թէ
գիր
չգիտնալու
հետեւանք
էր,
այլ
Երուսաղէմէ
դուրս
գտնուողներուն
կողմէ
դրուած
էին,
որոնք
քուէնին
հեռուէն
ղրկած
էին,
այլ
տեղեկագիրին
չէին
կրնար
անձամբ
ստորագրել
(ՀՐՔ.
Բ.
34):
Իսկ
Իսահակ
վարդապետի
քուէներուն
անհամեմատ
առաւելութիւնը
հետեւանք
էր
շատերուն
միակ
անունի
մը
քուէ
տալուն,
զայն
միակ
արժանի
նկատելով
(ՏԷՐ.
125,
ՍԱՒ.
1367),
զի
քուէարկութեան
կանոնը
որ
աւելի
անուն
գրելը
կ՚արգիլէ,
պակաս
գրելը
չարգիլեր:
Պահպանողական
ներսէնականներուն
թիւէն
էին
բոլոր
եկեղեցականք,
իսկ
կրօնական
ժողովը
միաձայնութեամբ
որոշեր
էր
եւ
պաշտօնապէս
կը
յայտարարէր,
թէ
Երուսաղէմի
քուէարկութիւնը
օրինաւոր
է,
եւ
պէտք
է
ցուցուած
երեքներէն
մին
ընտրել
(ՍԱՒ.
1369):
Կրօնականին
այդ
որոշումը
ցրելու
համար
քաղաքականը
եւ
դուրսէնականք
չվստահացան
խնդիրը
ոչ
երեսփոխանական
ընդհանուրին
յանձնել
եւ
ոչ
եկեղեցական
համագումարին
տանիլ,
զի
երկուքէն
ալ
իրենց
նպաստաւոր
որոշում
չէին
սպասեր,
այլ
խառն
ժողովին
հանեցին,
եւ
հոն
պատգամաւորի
մը
Երուսաղէմ
ղրկուիլը
որոշեցին,
որ
միաբանութեան
սորվեցնէ
քուէարկութեան
ձեւերը,
հսկէ
քուէարկութեան,
նոր
եռանուն
ցանկ
պատրաստել
տայ,
եւ
երկու
կամ
երեք
արժանաւոր
միաբան
վարդապետներ
ալ
որոշել
տայ
եւ
Կ.
Պոլիս
բերէ,
որ
Էջմիածին
ղրկուին
եւ
եպիսկոպոս
ձեռնադրուին
եւ
պատրիարքցու
դառնան
(ՍԱՒ.
1369):
Իսկ
գաղտնի
կերպով
հրահանգ
կը
տրուէր
քաղաքականին
կողմէն,
որ
նախապէս
կանոնագիրը
ամէնուն
ստորագրել
տայ,
եւ
այս
պայմանով
միայն
քուէարկութեան
անցնի
(ՍԱՒ.
1370):
Պատգամաւորի
անուանումն
ալ
կատարուելով,
հրաւիրակ
անունի
ներքեւ
կ՚որոշուէր
Յովհաննէս
քահանայ
Հիւնքեարպէյէնտեան,
կրօնական
ժողովոյ
անդամներէն:
2715.
ՀՐԱՒԻՐԱԿԻ
ԱՌԱՔՈՒՄԸ
Երուսաղէմի
խնդիր
յուզելով
մէկտեղ
խառն
ժողովը
ոչ
կը
խորհրդակցի
եւ
ոչ
տեղեկութիւն
կու
տայ
Իսահակ
եւ
Յակոբ
վարդապետներուն,
այլ
երբ
արդէն
Հիւնքեարպէյէնտեան
մեկնելու
վրայ
էր
պատրիարքէն
լուր
կը
տրուի
Իսահակ
վարդապետի,
որ
բազմօք
կ՚աշխատի
զայն
համոզել
դուրսէն
պատուիրակ
չյղել,
ընտրութիւն
չձգձգել,
աւելորդ
խնդիրներ
չյուզել,
անտեղութեանց
առիթ
չտալ,
եւ
որպէսզի
չկարծուի
թէ
իրեն
համար
կ՚աշխատի,
կարգը
վկայ
կոչելով
կը
յայտարարէ,
թէ
ես
պատրիարք
ըլլալու
բնաւ
աչք
չունիմ
(ՏԷՐ.
163):
Այս
պարագան
է
որ
Իսահակ
վարդապետը
անընտրելի
նկատելու
պատրուակ
դարձաւ,
իբր
թէ
ահաւոր
երդումներ
ըրած
է
հրապարակաւ
յանուն
ամենասուրբ
երրորդութեան,
պատրիարքութեան
պաշտօնը
չընդունելու
(61.
ՄԱՍ.
495),
որով
այլ
եւս
աւելորդ
պիտի
ըլլար
զինքն
ընտրել:
Քաղաքականը
չէր
քաշուեր
այսպիսի
ստորին
եւ
նենգամիտ
միջոցներու
ալ
դիմել,
որպէսզի
արգիլէր
միաբանական
եւ
աթոռական
իրաւանց
ամուր
եւ
ճարտար
պաշտպան
անձին
ընտրութիւնը:
Հիւնքեարպէյէնտեանի
մեկնիլը
արգիլել
անհնար
էր
դարձած,
ուստի
Յակոբ
վարդապետ,
Հիւնքեարպէյէնտեանի
մեկնած
մայիս
10
օրուան
յաջորդ
մայիս
11
օրը
ուրիշ
շոգենաւով
ետեւէն
կը
մեկնի,
եւ
Զմիւռնիա
անոր
կը
միանայ
եւ
միասին
կը
մտնեն
Երուսաղէմ
(ՍԱՒ.
1372):
Հիւնքեարպէյէնտեան
երեք
գրութիւններ
ունէր
իրեն
հետ
քաղաքականին
կողմէն
միաբանութեան
ուղղուած,
որոնց
առաջինը
հրաւիրակին
առաքումը
եւ
անոր
պաշտօնը
կը
ծանուցանէր,
նախընթաց
ընտրութեան
մէջ
միաբանութիւնը
անկանոն
կերպով
գործած
ենթադրելով
(ՏԷՐ.
486
եւ
492),
երբ
իր
ենթադրութիւնները
կամայական
էին
եւ
իրողութեան
հակառակ:
Երկրորդով
ընտրութիւն
ընելու
ձեւեր
կը
ցուցուէին
(ՏԷՐ.
492-495),
որոնք
տարրական
բաներ
են
եւ
միաբանութեան
ալ
ծանօթ
էին:
Երրորդով
կը
պատասխանուէր
միաբանութեան
կողմէն
կանոնագիրին
մասին
յայտնուած
ութը
դիտողութեանց
(§
2713),
այնպէս
կարծել
տալով
թէ
իրենք
մտադիր
չէին
միաբանութեան
կասկածած
կերպով
գործադրել
իրենց
միջամտութիւնը
Երուսաղէմի
մատակարարութեան
եւ
վարչութեան
վրայ
(ՏԷՐ.
495-501),
սակայն
իրենց
ընթացքը
ոչ
մի
երաշխաւորութիւն
չէր
ներշնչեր
իրենց
բարեմտութեան
վրայ,
որ
միաբանութիւնը
վստահութեան
յորդորէր:
Հիւնքեարպէյէնտեան
գիրերը
յանձնելով
ամէն
ճիգ
եւ
ամէն
ճարտարութիւն
թափեց
որ
միաբանները
համոզէ
Կ.
Պոլսոյ
կազմած
կանոնագիրը
անփոփոխ
եւ
անհակառակ
ընդունելու,
գրգռելով
իսկ
զփառասիրութիւն
նոցին
իւրաքանչիւր,
եւ
համոզելով
զնոսա
պերճախօս
բանիւք:
Սակայն
իրեն
դէմ
կը
գտնէր
ամբողջ
միաբանութիւնը
եւ
չէր
կրնար
քակտել
անոնց
համամտութիւնը,
որ
անձնական
տեսութիւններէն
ալ
հրաժարած,
միակամ
եւ
միասիրտ
ընդհանուր
դատ
մը
կը
պաշտպանէին:
Միաբանութիւնը
երբ
մէկ
կողմէն
թէ
կանոնագիրի
եւ
թէ
նոր
քուէարկութեան
համար
պատրաստութիւն
կը
յայտնէր,
միւս
կողմէն
կը
յայտարարէր
թէ
առանց
պատրիարքի,
առանց
փոխանորդի
եւ
առանց
լուսարարապետի
չի
կրնար
ոչ
կանոնագիրը
անպայման
ընդունիլ
եւ
ոչ
ալ
առանց
նախապատրաստութեան
քուէարկութիւն
ընել,
եւ
իր
պատասխանները
յունիս
21-ի
եւ
22-ի
գրութեամբ
կը
յանձնէր
Հիւնքեարպէյէնտեանի`
պատրիարքին
հասցէին,
եւ
29-ին
նախկին
պատրիարք
Յակոբոսի
ալ
կը
հաղորդէր,
որ
միաբանական
իրաւանց
պաշտպան
էր
կանգնած
(ԵՂՄ.
77-81):
Հիւնքեարպէյէնտեան
տեսնելով
որ
կանոնագրի
պայմանը
չյաջողիր,
կը
յօժարի
զանց
ընել
կրկին
քուէարկութիւնն
յընտրութիւն
պատրիարքացուաց,
եւ
յունիսի
վերջերը,
այսինքն
հազիւ
ամիս
մը
Երուսաղէմ
մնալով
կ՚իջնէ
Յոպպէ,
ուր
իրեն
կը
միանայ
Չիլինկիրեան
Յակոբոս
(§
2650),
եւ
միասին
կը
նաւեն
Կ.
Պոլիս,
ուր
կը
հասնին
յուլիս
3-ին
(ԵՂՄ.
93):
Իսկ
մայրաքաղաքին
մէջ
բողոքներն
ու
ընդդիմաբանութիւնները
Հիւնքեարպէյէնտեանի
մեկնելուն
օրէն
սկսած
էին,
մինչեւ
իսկ
զայն
շոգենաւէն
դուրս
հանելու
աշխատողներ
եղած
էին,
բայց
չէին
յաջողած,
եւ
բոլոր
ոյժերնին
տուին
յայտարարութիւններով
հրապարակը
ողողել,
հրաւիրակին
երթալուն
զանազան
նպատակներ
վերագրել,
վարչութեան
ընթացքը
քննադատել,
անուղիղ
գործողութիւններ
եւ
գաղտնի
հրահանգները
մեղադրել,
այնպէս
որ
քաղաքական
ժողովն
ալ
ինքզինքը
նեղը
ինկած
տեսաւ,
եւ
ժողով
գումարելէն
եւ
ժողովի
առջեւ
խնդիրը
պարզելէ
խուսափելով,
ինքն
ալ
յայտարարութիւններով
պատասխանելու
ձեւին
հետեւեցաւ:
Առաջինը
մայիս
12
թուական
կը
կրէ,
պաշտօնական
յայտարարութիւն
ի
դիմաց
ազգային
կեդրոնական
վարչութեան
վերտառութեամբ
եւ
առանց
ստորագրութեան
(61.
ՄԱՍ.
484),
եւ
որուն
պարունակութիւնն
է,
թէ
միաբանութենէն
կեդրոնը
երեք
ընտրելի
ուզեր
է,
անոնք
ալ
ապօրինաւոր
ընտրութիւն
ըրեր
են,
քաղաքական
ժողովը
ստիպուեր
է
մերժել,
ուստի
հրաւիրակ
ղրկուեր
է
նոր
եւ
օրինաւոր
ընտրութիւն
ընել
տալու:
Նկատելի
է
որ
կանոնագիրին
շուրջը
յուզուած
խնդիրը
բնաւ
յիշուած
չէ,
իբր
թէ
անոր
փետրուար
15-ի
Ընդհանուր
ժողովէն
անցած
ըլլալը,
միաբանութիւնը
դիտողութեան
իրաւունքէ
զրկած
ըլլար:
Իսկ
երկրորդ
յայտարարութիւնը
մայիս
16
թուական
եւ
Ընդհանուր
ժողովոյ
ատենապետ
Սերվիչէնի
եւ
ատենադպիր
Աղաթոնի
ստորագրութիւնները
կը
կրէ,
եւ
ուղղած
է
Ընդհանուր
ժողովոյն
ընտրեալ
եւ
յիրաւանց
անդամներուն
(61.
ՄԱՍ.
484):
Պարունակութիւնը
նախընթացին
նման
է,
որով
Ընդհանուր
ժողովոյ
սահմանադրական
դիւանը
քաղաքական
ժողովը
կը
պաշտպանէ,
եւ
միաբանութեան
սահմանադրական
գործողութեանց
ընտելացած
չըլլալը
իբրեւ
անոր
արդարացում
կը
յիշէ:
Առաջին
ընտրութիւնը
ապօրինի
կը
դատէ,
նոր
ընտրութեան
պէտքը
կը
ցուցնէ,
հրաւիրակը
գործը
դիւրացնելու
համար
ղրկուած
կ՚ըսէ,
ընտրելի
պատրիարքին
եպիսկոպոսներէ
առնուիլը
շեշտելով`
կը
պահանջէ
որ
միաբանութեան
ցուցած
երեք
ընտրելիներ
նախ
եպիսկոպոս
ձեռնադրուին
եւ
յետոյ
ընտրութիւն
կատարուի:
Կ՚ապահովէ
եւս
թէ
երբեք
կեդրոնը
միաբանութեան
դէմ
բան
պիտի
չընէ,
միայն
Երուսաղէմի
վրայ
ունեցած
իշխանութիւնը
պիտի
գործածէ,
զոր
մերժել
ապստամբութիւն
է:
Իսկ
խնդիրին
քննութեան
մտնել
կամ
ժողով
գումարել
աւելորդ
կը
դատէ,
որ
է
ըսել
թէ
Ընդհանուրին
վրայ
վստահութիւն
չկար,
եւ
թէ
նա
քաղաքականին
ընթացքին
պիտի
չհաւանէր
եւ
պիտի
չհաստատէր:
Այդ
յայտարարութիւնները
ակնկալեալ
արդիւնքը
չունեցան,
ժողովուրդին
մէջ
յայտարարութեանց
դէմ
յայտարարութիւններ
շատցան,
երեսփոխաններուն
մէջ
հրաժարականներ
սկսան,
Երուսաղէմէ
աղերսներ
եկան
լրագիրներուն
դէմ
բողոքներով
(ՀՐՔ.
Ա.
1-10),
եւ
այս
պատճառներով
գումարում
մը
տեղի
ունեցաւ
մայիս
26-ին,
ուր
նկատի
առնուեցաւ
միաբանութեան
բողոքը,
եւ
լրագրաց
յանձնաժողով
մը
կազմուեցաւ,
եւ
ուրիշ
խնդիր
չյուզուեցաւ
(ՏԷՐ.
191):
2716.
ՆՈՐ
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ
Այդ
շփոթութեանց
միջոցին
Հիւնքեարպէյէնտեան
ձեռնունայն
կը
դառնայ,
եւ
կը
լսուի
թէ
կանոնագիրը
դարձեալ
անփոփոխ
ընդունուած
չէ,
եւ
ընտրելեաց
նոր
ցուցակ
կազմուած
չէ:
Պարագայ
մըն
ալ
աւելցած
է
միտքերը
բորբոքելու:
Յունիս
4-ին
(ՀՐՔ.
Գ.
6),
Հիւնքեարպէյէնտեանի
Երուսաղէմ
գտնուած
ատեն,
լատիններ
Բեթղեհէմի
Հայոց
եկեղեցւոյն
փսիաթը
կը
խախտեն,
միւս
օր
փսիաթէն
մաս
մըն
ալ
կը
կտրեն
իրենց
անցքի
գիծը
ուղղելու
նպատակով:
Երուսաղէմէ
միաբաններ
կը
փութան
պաշտպանութեան
եւ
փսիաթը
կը
նորոգեն,
6-ին
լատիններ
սովորականէն
դուրս
թափօրի
ձեւ
տալով,
բիրերով
եւ
բազմութեամբ
անզէն
Հայոց
վրայ
կը
խուժեն,
եւ
ընդհանուր
կռիւ
կը
խառնուի,
երբ
Հայեր
իրենց
խսիրին
դիրքը
կը
շտկէին,
եւ
Հայոց
կողմը
վտանգաւոր
հարուածներ
կ՚ընդունի:
Ներսէս
եւ
Եսայի
եւ
Փիլիպպոս
վարդապետներ
գլուխէն
կը
վիրավորուին,
սարկաւագներ
եւ
դպիրներ
եւ
միաբաններ
անոնց
բախտակից
կ՚ըլլան,
արաբացի
բարապան
Խայրէտտին
ալ
մահուան
քրտինք
կը
թափէ,
աշտանակներ,
կանթեղներ,
սպասներ
եւ
զարդեր
կը
կոտրտուին
եւ
կը
փշրուին
(ՀՐՔ.
Գ.
13):
Հայերէն
մի
քանին
միայն
լատիններու
ձեռքէն
բիրերը
խլելով
անոնց
վրայ
կը
դարձնեն
(ՏԷՐ.
194),
սակայն
յաջողութիւն
չեն
ունենար
40-50
հուժկու
փրանկիսկեաններու
եւ
անոնց
օգնականներուն
դէմ,
որոնք
յաղթանակաւ
կը
մեկնին,
եւ
միայն
ամէն
բան
վերջանալէն
ետքը
կառավարութեան
պաշտօնեաներ
կը
հասնին:
Եղելութիւնը
մանրամասնօրէն
նկարագրուելով
եւ
տպուելով
Կ.
Պոլիս
յղուեցաւ
(ՀՐՔ.
Գ.
3-16),
իբր
շարայարութիւն
առաջին
ուղղուած
բողոքին
(ՀՐՔ.
Ա.
1-10),
եւ
լրագրական
ամբաստանութեանց
դէմ
տրուած
բացատրութեանց
(ՀՐՔ.
Բ.
11-39):
Այդ
դէպքերն
ալ
հետեւանք
էին
անգլուխ
միաբանութեան
դէմ
օտարազգիներուն
զգացած
քաջալերութեան,
եւ
եւս
քանզեւս
գրգռեցին
պատրիարքական
ընտրութեան
խնդիրը
եւ
դէմ
ընդդէմ
պայքարները:
Հիւնքեարպէյէնտեան
Կ.
Պոլիս
հասած
էր
յուլիս
3-ին,
եւ
7-ին
խառն
ժողով
կը
գումարուի,
ուր
հրաւիրակը
Երուսաղէմի
անցքերը
եւ
Բեթղեհէմի
դէպքը
կը
պատմէ,
եւ
պատրիարքութեան
համար
արժանաւորագոյն
ընտրելի
Իսահակ
վարդապետը
մատնանիշ
կ՚ընէ
(ՏԷՐ.
204),
ինչ
որ
ճարտար
դարձուած
մըն
էր
արժանաւոր
միաբան
մը
չգտնուիլը
հետեւցնելու
(ՍԱՒ.
1375),
քանի
որ
Իսահակը
դուրս
ձգելու
համար
երդումի
պատճառանքը
կազմուած
էր
(§
2715):
Յակոբ
վարդապետի
ալ
յանցանք
համարուեցաւ
առանց
պատրիարքի
հրամանին
Կ.
Պոլիսէ
Երուսաղէմ
երթալը
եւ
ընտրելիութենէ
զրկուելու
պատճառանք
կազմուեցաւ,
մինչ
նա
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքութեան
հետ
կապ
մը
չունէր,
Երուսաղէմի
յանձնարարութեամբ
եկած`
Երուսաղէմ
կը
դառնար:
Խառն
ժողովը
այդ
կէտերը
շօշափեց,
բայց
որոշման
չյանգեցաւ,
յուլիս
11-ին
եկեղեցական
համագումար
հաւաքուեցաւ,
ուր
Սարգիս
պատրիարք
միաբանութիւնը
զրկուած
ցուցուց
ընտրելի
ներկայելու
իրաւունքէն`
կանոնագիրը
առանց
դիտողութեան
չընդունելուն
համար,
եւ
նախապէս
յղուած
ցանկն
ալ
ոչնչացած
ցուցուց
Իսահակի
եւ
Յակոբի
դուրս
թողուելովը,
ուստի
կամ
անջատեալներէն
կամ
դուրսի
եպիսկոպոսներէն
պատրիարք
ընտրելու
առաջարկները
բերաւ,
բայց
երկուքն
ալ
ստուար
մեծամասնութեամբ
մերժուեցան,
այլ
որոշումը
տեղեկագրել
եւ
ստորագրել
արգիլուեցաւ,
որպէսզի
փաստ
չդառնայ
(ՏԷՐ.
209):
Այն
օր
ալ
քաղաքականի
նպատակը
չիրականացաւ:
2717.
ԱՊԱՐԴԻՒՆ
ԺՈՂՈՎՆԵՐ
Այսուհանդերձ
Ընդհանուր
ժողով
գումարուեցաւ
անմիջապէս
յաջորդ
օրը
յուլիս
12-ին,
Թարգմանչաց
տօնին
նախընթաց
չորեքշաբթի
օրը,
եւ
ատենապետ
Սերվիչէն
միեւնոյն
կերպով
միաբանութիւնը
իրաւունքէ
զրկուած,
եւ
առաջին
ցուցակը
ջնջուած
ցուցնելէ
ետքը,
խառն
ժողովը
հրաւիրեց
որ
նոյն
պահուն
գումարուի
եւ
երեք
ընտրելիներու
անունները
քուէարկէ:
Յակոբոս
նախկին
պատրիարքին
դիտողութիւնները
չլսուեցան,
դուրսէն
ընտրելի
չընդունելու
բողոքներուն
ալ
մտադրութիւն
չդարձուեցաւ,
խառն
ժողովը
իր
նիստը
կազմեց,
եւ
հապճեպ
կերպով
երեք
ընտրելիներ
նշանակեց,
որ
կրնայ
նոյնիսկ
քուէարկութեամբ
որոշուած
ըլլալը
կասկածի
ենթարկել:
Ընտրելիներն
եղան,
երեք
նշանաւոր
եպիսկոպոսներ,
Գէորգ
Քէրէստէճեան
նախորդ
պատրիարք,
Պօղոս
Թաքթաքեան
Զմիւռնիոյ
առաջնորդ
եւ
Արիստակէս
Ռափայէլեան
Ադրիանուպոլսոյ
առաջնորդ:
Ասոնցմէ
Թաքթաքեան
արդէն
Երուսաղէմ
երթալէ
հրաժարած
մըն
էր
(§
2710),
եւ
Ռափայէլեանի
ալ
տեղէն
շարժուիլը
անհաւանական
էր.
ուստի
Քէրէստէճեանը
մատնանիշ
ընելու
միտքը
շատ
յայտնի
էր,
որ
հոգւով
կը
բաղձար
այդ
պաշտօնին,
եւ
Կ.
Պոլսոյ
ակնկալած
նպաստն
ալ
Երուսաղէմի
սնտուկէն
հոգալ
կը
խոստանար
(§
2711):
Խառն
ժողովը
զբաղած
ատեն,
Ընդհանուրի
անդամներուն
եւ
ունկնդիրներուն
մէջ
ձայներ
կը
բարձրանային,
թէ
դուրսէն
չենք
ընդունիր,
նզովքի
ներքեւ
իյնալ
չենք
ուզեր:
Ասով
հանդերձ
երեք
անունները
կը
ներկայացուին
ժողովին
վերաբացուելուն,
աղաղակներ
կը
բարձրանան,
Յակոբոս
նախիկին
պատրիարք
նորէն
ընդարձակօրէն
նզովքը
կը
պարզաբանէ
եւ
կը
պաշտպանէ.
խառն
ժողովէ
ներկայ
կրօնականներուն
դիմում
կ՚ըլլայ
թէ
ինչոflւ
չեն
ազդարարած,
անոնք
ալ
համագումարին
ատենագրութեան
հաղորդուիլը
կը
պահանջեն,
երեսփոխաններ
եւ
ունկնդիրներ
ժխորը
կը
սաստկացնեն,
Յակոբոսի
ետեւէն
խումբ
մը
երեսփոխաններ
ժողովէն
կ՚ելլեն,
եւ
Սերվիչէն
ատենապետ
ժողովը
կը
փակէ
մեծամասնութիւնը
կորսուած
ըլլալուն
պատճառով:
Ասով
մէկտեղ
քուէարկութեան
մասնաժողով
մը
կ՚ընտրէ,
եւ
տոմսակներով
Ընդհանուրի
անդամներէն
կը
խնդրէ
որ
մինչեւ
առաջիկայ
երեքշաբթի
յուլիս
19,
գրաւոր
կերպով
քուէ
յղեն
դուրսէն
ընտրելի
ընդունելնուն
եւ
երեքէն
ոflրը
ընտրելնուն
մասին
(ՏԷՐ.
232):
Սակայն
եկեղեցականութիւնը
զինուեցաւ
ընդհանուր
շարժումով,
եպիսկոպոսներ
եւ
վարդապետներ
եւ
քահանաներ
հարիւր
յիսուն
չափ
բողոքագիր
մը
ուղղեցին
պատրիարքին,
թէ
ոչ
միայն
դուրսէն
ընտրելի
առնել
նզովքի
ներքեւ
է,
այլ
եւ
այսպիսի
կէտ
մը
քուէի
անցընելը:
Սահմանադրութեան
հիմնական
եւ
անփոփոխելի
սկզբունքներէն
հինգերորդին
հակառակ
է
(ՊԷՐ.
391):
Եկեղեցականաց
ետեւէն
ստուար
թուով
ժողովականներ
եւ
նշանաւոր
անձեր
համամիտ
ըլլալնին
ստորագրեցին,
եւ
բողոքագիրը
յուլիս
17-ին
Սարգիս
պատրիարքին
հասուցին,
որպէսզի
յաջորդ
օրուան
քուէհամարը
խափանէ
(ՏԷՐ.
235-238):
Սարգիս
նոյն
երեկոյ
Վոսփորի
Եէնիքէօյէն,
ուր
կը
գտնուէր,
պատրիարքարան
կ՚իջնայ,
եւ
միւս
առտուն
թէպէտ
քուէից
քննիչներ
եկած
էին
եւ
134
քուէթուղթեր
հաւաքուած
էին
առանց
անունի
եւ
առանց
ստորագրութեան,
բայց
քուէհամարը
կ՚արգիլէ
բողոքագիրին
պատճառով,
եւ
առաջիկայ
ուրբաթ
օրուան,
յուլիս
21-ին
Ընդհանուր
ժողով
կը
հրաւիրէ
(ՏԷՐ.
239):
Ժողովը
գումարուեցաւ,
բայց
վէճն
ու
ժխորը
նախորդ
ատենագրութեան
կարդացուելէն
սկսաւ,
եւ
ճիշդ
է,
ճիշդ
չէ
աղաղակները
ականջները
կը
խլցնէին:
Ժողովէն
դուրս
ալ
ձայներ
կը
լսուէին
երկու
կարծիքներուն
կողմնակիցներէն,
այնպէս
որ
ատենապետը
Ընդհանուրի
յաջող
մթնոլորտ
մը
չտեսնելով,
ժողովը
շարունակել
անհնար
կը
յայտնէ
եւ
առանց
պաշտօնական
յայտարարութեան
ժողովէն
կ՚ելլէ,
ամբողջ
դիւանն
ալ
կը
հետեւի
եւ
ժողովն
ինքնիրեն
կը
լուծուի
(ՏԷՐ.
247):
Նոյն
օրը
պատրիարքը
քաղաքական
ժողովոյ
ինն
անդամներուն
կողմէ
գիր
մը
կ՚ընդունի,
որոնք
անցուդարձը
յիշելով
եւ
համագումար
հրաւիրած
ըլլալը
պատճառ
բռնելով
եւ
քաղաքականի
իրաւունքը
անարգուած
ըմբռնելով,
կը
յայտնեն
թէ
պաշտօննին
ի
կախ
թողլով
կը
պարտաւորուին
պաշտօնական
յարաբերութիւննին
կտրել
պատրիարքին
հետ,
մինչեւ
որ
նա
Սահմանադրութեան
նկատմամբ
ունեցած
կարծիքը
երեւան
հանէ
(ՏԷՐ.
252):
2718.
ՊԱՏՐԻԱՐՔ
ԵՒ
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ
Նոր
կնճիռը
Սարգիս
պատրիարքը
կը
շփոթէ,
որ
նոյն
գիշեր
զինքն
հիւանդ
ալ
կը
զգայ:
Իսկ
քաղաքականի
անդամներ
Գէորգ
Քէրէստէճեանը
կը
քաջալերեն
իրենց
հետ
մնալ,
եւ
զինք
Երուսաղէմի
աթոռը
բարձրացնելու
կը
վստահեցնեն
(ՏԷՐ.
255-256):
Յուլիս
22-ին
առտուն
համագումարը
կը
սկսի
հաւաքուիլ,
երբ
Քէրէստէճեան
աւելորդ
կը
դատէ
զայն,
եւ
կ՚առաջարկէ
եպիսկոպոսներով
խնդիրը
լուծել:
Սերվիչէն
վրայ
կը
հասնի,
իբր
պատրիարքը
եւ
քաղաքականը
հաշտեցնելու
միջնորդ,
եւ
իբր
համաձայնութեան
պայման
կ՚առաջարկէ
նորէն
եկեղեցական
մը
ղրկել
Երուսաղէմ,
կանոնագիրը
անփոփոխ
ընդունել
տալ,
նոր
եռանուն
ցանկ
քուէարկել
տալ,
եւ
Իսահակ
ու
Յակոբ
վարդապետներ
ընտրելիութենէ
դուրս
թողուլ:
Համագումարի
ելքը
իմանալու
համար
բազմութիւն
մըն
ալ
հաւաքուած
կ՚ըլլայ
պատրիարքարան,
ընտրելիները
հարկաւ
միաբաններէ
առնուիլը
պաշտպանելու,
ներկաներ
մասնաւոր
խօսակցութեան
կը
մտնեն
հոն
գտնուող
եկեղեցականներու
հետ,
եւ
գոհ
կը
մեկնին
երբ
իրենց
կը
ներկայացուի
պատրիարքը
հարկաւ
միաբաններէ
ընտրելու
յայտարարութիւն
մը,
Սարգիս
պատրիարքէ,
Յակոբոս
եւ
Գէորգ
նախորդ
պատրիարքներէ,
եւ
Ռոտոսթոցի
Թադէոս
եւ
Եդեսացի
Յակոբ
եպիսկոպոսներէ
ստորագրուած
(ՏԷՐ.
264):
Բայց
գոհ
չի
մնար
քաղաքականը
իր
կուսակցութեան
հետ,
որ
դուրսէն
պատրիարք
ընտրելու
հետամուտ
էր,
եւ
կը
վշտանայ
իրեն
պաշտպան
կարծած
Քէրէստէճեանն
ալ
իրեն
հակառակ
ստորագրութիւն
տուած
տեսնելով:
Ուստի
այլեւս
պատրիարքի
չդիմէր,
այլ
Ընդհանուր
ժողովոյ
ատենապետ
Սերվիչէնի
եւ
Աղաթոն
ու
Իւթիւճեան
ատենադպիրներու
ստորագրութեամբ
յուլիս
24-ին
կը
պահանջէ
որ
հինգ
եպիսկոպոսներու
ստորագրութիւնը
իբր
որոշում
չնկատուի,
այլ
վերջին
անգամ
հաշտութեան
համար
Սերվիչէնէ
առաջարկուած
պայմանները
Ընդհանուր
ժողովով
հաստատուին,
եւ
առ
այս
երեք
օր
պայմանաժամ
կու
տայ,
անկէ
ետքը
իր
գործը
շարունակելու
համար
պէտք
եղած
միջոցները
ձեռք
առնելու
սպառնալիքով
(ՏԷՐ.
267):
Պատրիարքը
Ընդհանուրը
գումարելը
վտանգաւոր
կը
տեսնէ
եւ
լոկ
քաղաքականը
կը
հրաւիրէ
յուլիս
27
հինգշաբթի
օրուան,
երեսփոխաններէն
մաս
մըն
ալ
միասին
խորհրդակցելու
համար:
Քաղաքականէն
կու
գան
միայն
ինը
բողոքողներէն
դուրս
մնացողները,
եւ
երեսփոխաններուն
հետ
խորհրդակցութիւններ
կը
կատարեն
քաղաքականի
կազմած
կանոնագիրի
մասին,
ուսկից
երեւան
կու
գայ
որ
գոնէ
վերջին
41
եւ
42
յօդուածները
հակառակ
են
նզովքներու
պահանջին,
եւ
երբ
ընդհանուր
որոշումը
իբր
փաստ
կ՚ուզուի
գործածել,
երեսփոխաններ
կը
պատասխանեն
թէ
յանգէտս
տրուած
որոշումներ
չեն
կրնար
ոյժ
ունենալ,
եւ
այս
հիմամբ
խնդիրը
նորէն
Ընդհանուրին
հանել
կ՚առաջարկեն
(ՏԷՐ.
268-272),
բայց
անդին
ինը
բողոքողներ
քանի
մը
ընկեր
եւս
աւելցնելով
նոր
յայտարարութիւն
մը
կը
յղեն
պատրիարքին,
որ
եթէ
կը
հաւանի
նոր
տնօրէնութիւն
չընել,
այլ
որոշուածին
վրայ
քալել,
կրնան
նորէն
միասին
գործել
(ՏԷՐ.
273-275):
Սակայն
իրենց
գրութեան
մէջ
ազգային
պատրիարքարանը
անկարգութեանց
ասպարէզ
է
բացատրութիւնը
միտքերը
կը
շփոթէ
եւ
սրտեր
կը
վշտանան,
եւ
գրութիւնը
ընթացք
չունենար:
Ասոր
վրայ
պատրիարքը
օգոստոսի
2-ին
Վարդավառի
չորեքշաբթիին
դարձեալ
եկեղեցական
համագումար
կը
հրաւիրէ,
որ
մեծ
թիւով
կը
գումարուի
եւ
միաձայնութեամբ
կ՚որոշուի:
1.
Թէ
Երուսաղէմի
պատրիարք
ներսէն
պիտի
ըլլայ.
2.
թէ
քաղաքականի
կանոնագիրին
41
եւ
42
յօդուածները
նզովքի
ներքեւ
կ՚իյնան.
3.
թէ
կրօնական
խնդիրներ
կանոնաց
հեղինակութեամբ
եւ
ոչ
թէ
քուէով
կ՚որոշուին.
4.
թէ
վարդապետներն
ալ
կրնան
պատրիարք
ընտրուիլ.
5.
թէ
Իսահակ
եւ
Յակոբ
վարդապետները
ընտրելիութենէ
զրկելու
պատճառ
չկայ,
եւ
6.
թէ
համագումարը
ձեռնհասութիւն
ունի
այդ
որոշումները
տալու
(ՏԷՐ.
280-286):
Երբ
այդ
որոշումները
կը
լսուին
դուրսէնականներ
կը
յուզուին.
եւ
միւս
օր
օգոստոս
3-ին
պատրիարքին
տասն
անձերէ
պատգամաւորութիւն
մը
կը
ղրկեն
բացատրութիւն
պահանջելու,
բայց
պատրիարքը
զիրենք
կը
հանդարտէ,
թէ
իրենք
միայն
կրօնական
կէտերով
զբաղեցան,
իսկ
ընտրութիւնն
Ընդհանուրը
պիտի
ընէ
(ՏԷՐ.
291-293):
2719.
ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
ԴԱԴԱՐԵԱԼ
Թէպէտ
պատգամաւորները
համոզուելով
կը
մեկնին,
այլ
կուսակցութիւնը
չբաւականարար,
եւ
Համագումարին
հեղինակութիւնը
հարկ
կը
տեսնէ
ջնջել,
ուստի
իբր
թէ
ազգային
սահմանադրութիւնը
եւ
ազգային
վարչութեան
պատիւը
վտանգի
մէջ
ըլլար,
օգոստոս
4-ին
յանուն
քաղաքական
ժողովոյ
Ընդհանուր
ժողով
կը
հրաւիրեն
օգոստոս
5-ին
գումարուելիք
Բերայի
Նարեկեան
վարժարանը
եւ
պատրիարքին
ալ
կ՚ազդարարեն:
Հրաւիրագիրը
Սերվիչէնի
ստորագրութիւնն
ունէր
առանց
իր
գիտակցութեան
գրուած,
որուն
բողոքին
վրայ
գործէ
քաշուած
քաղաքականի
ատենապետ
Մարկոսեանի
անունը
կը
գրուի:
Ժողովը
կը
գումարուի
շատերու
բացակայութեամբ
եւ
քանի
մը
եկեղեցականներու
ներկայութեամբ
եւ
Գէորգ
եպիսկոպոսի
նախագահութեամբ:
Պատրիարքը
կ՚ամբաստանուի
Համագումար
հաւաքած
եւ
որոշումներ
տալ
տուած
ըլլալուն
համար,
կ՚առաջարկուի
հրաժարականը
պահանջել,
յետոյ
կ՚առաջարկուի
Համագումարի
որոշումները
քննելու
յանձնաժողով
կազմել,
բայց
եւ
ոչ
մին
կը
քալէ,
համախոհութեան
դէմ
բողոքի
յայտարարութիւններ
կը
ցրուին,
ժողովի
եկողներն
ալ
հետզհետէ
կը
մեկնին,
եւ
ժողովը
կը
փակուի
ապարդիւն
կերպով
(ՏԷՐ.
295-312):
Միւս
օր
օգոստոս
6-ին
Գէորգ
եպիսկոպոս
մեծ
եպարքոս
Ալի
փաշայի
կ՚երթայ
քաղաքականի
անդամներէն
քանի
մը
ընկերներով,
եւ
ծանր
կերպով
Սարգիս
պատրիարքը
կ՚ամբաստանէ:
Իսկ
օգոստոս
7-ին
Սարգիս
պատրիարք
կ՚երթայ
եպարքոսին
քանի
մը
եկեղեցականներով,
եւ
համագումարի
որոշումներուն
եւ
ազգային
հանրագրութեան
թարգմանութիւնները
կը
ներկայէ
եւ
բացատրութիւններ
կու
տայ
ինչ
ինչ
հարցումներուն,
զորս
եպարքոս
կ՚ուղղէր
պատրիարքին,
Գէորգի
ամբաստանութիւններէն
ներշնչուած
(ՏԷՐ.
315-317):
Սարգիս
հրաման
ալ
խնդրեց
Երուսաղէմի
պատրիարքի
ընտրութեան
համար
Ընդհանուր
ժողով
գումարել,
զի
Ալի
փաշա
յայտարարած
էր,
թէ
կառավարութիւնը
տակաւին
իրենց
կանոնագրութիւնը
կամ
սահմանադրութիւնը
հաստատած
չէ,
եւ
անիկա
չի
կրնար
իբր
գործոց
կանոն
ծառայել:
Երուսաղէմի
պատրիարքին
ընտրութեան
համար
ժողով
գումարելու
արտօնագիրը
օգոստոս
14-ին
տրուեցաւ
(ՏԷՐ.
321),
բայց
դուրսէնական
կուսակցութեան
գլուխներ
Համագումարի
որոշումները
ջրելու
կերպ
մը
մտածեցին,
որ
էր
ստորագրող
քահանաները
իբրեւ
սահմանադրութեան
դէմ
ուխտադրուժներ,
ծխատիրութենէ
մերժել,
եւ
այս
իմաստով
շրջաբերականներ
ցրուեցին
յուսալով
որ
քահանաներ
կը
ստիպուին
ստորագրութիւննին
յետս
կոչել,
բայց
միայն
դէմառդէմ
յայտարարութիւններ
շատցան
(ՏԷՐ.
327-336):
Պատրիարքը
օգոստոս
19-ին
հրաւիրագիր
էր
գրած
օգոստոս
21-ին
Վերափոխման
իններորդ
երկուշաբթի
օր
ժողով
գումարելու.
երեսփոխաններէ
զատ
նշանաւոր
անձեր
ալ
հրաւիրած
էր
եպարքոսին
հրահանգին
հետեւելով,
որ
Հայոց
ազգի
վաղեմի
սովորութեանց
համեմատ
(61.
ՄԱՍ.
498),
այսինքն
սահմանադրութենէն
անկախաբար
ընտրութիւն
կատարել
կը
հրամայէր,
եւ
միանգամայն
զգուշութեան
համար
ոստիկաններ
ալ
բերել
տուած
էր:
Բայց
դուրսէնական
կուսակցութեան
պետեր,
խումբ
մը
երիտասարդներու
գլուխ
անցած,
պատրիարքարան
կը
խուժեն,
եւ
իրենց
միտքով
յայտարարութիւն
մը
գիրի
առած
(ՏԷՐ.
342),
պատրիարքը
կը
բռնադատեն
ստորագրել,
Գէորգ
եւ
Յակոբոս
եպիսկոպոսներն
ալ
իրենց
հետ:
Պատրիարքը
ճարահատած
բռնութեան
ներքեւ
կը
ստորագրէ
յայտարարութիւն
մը,
որ
կը
պարունակէ
կանոնագիրին
ամբողջաբար
պահուիլը,
Իսահակի
եւ
Յակոբի
ընտրելիութենէ
զրկուիլը,
եւ
եռանուն
միաբան
ընտրելեաց
ցանկին
խառն
ժողովէ
կազմուիլը
(61.
ՄԱՍ.
498),
բայց
ամբոխը
իբր
յաղթական
դուրս
ելլելու
ատենը
ոստիկանութեան
նախարար
Մուհամմէտ
փաշան
իր
դիմացը
կը
գտնէ
(ՏԷՐ.
344),
անոր
հետ
նաեւ
սպարապետութեան
դուռէն
եկած
Խուսրէվ
եւ
Սէլիմ
փաշաներ
(ՏԷՐ.
341),
որոնք
խռովութեան
ձայնէն
տեղւոյն
վրայ
հասած
էին,
եւ
պատրիարքարանի
փողոցը
պաշարած:
Քանիներ
կը
ձերբակալուին
իբրեւ
գրգռիչներ,
բայց
պատրիարքի
միջնորդութեամբ
կը
թողուին,
գրգռիչ
լրագիրները
նոյն
օր
կը
խափանուին,
ընտրութիւնը
անհնար
դարձած
ըլլալով
զանց
կ՚ըլլայ,
եւ
պատրիարքարանը
մինչեւ
24
ժամ
զինուորական
պահպանութեան
ներքեւ
կը
մնայ.
իսկ
շաբաթ
օր
օգոստոս
26-ին
բարձրագոյն
դուռնէն
պաշտօնապէս
կը
հաղորդուի,
թէ
կառավարութենէ
չհաստատուած
կանոնադրութիւնը
օրէնքի
ոյժ
չի
կրնար
ունենալ
(61.
ՄԱՍ.
499),
եւ
ըստ
այսմ
Երուսաղէմի
խնդիրին
հետ
սահմանադրութիւնն
ալ
կը
թաղուի`
կառավարութեան
զայն
չճանչնալուն
վրայ,
1860
մայիս
24-էն
մինչեւ
1861
օգոստոս
15,
միայն
15
ամիս
ներքին
կեանք
մը
եւ
այն
ալ
փոթորկալից
ու
անպտուղ
կեանք
մը
անցունելէն
ետքը.
ըսել
է
թէ
նոյն
իսկ
սահմանադրականներն
եղան,
որ
իրենց
անխորհուրդ
եւ
անհեռատես
ընթացքով
իրենց
գործը
քանդեցին:
2720.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ
ԿՈՆԴԱԿ
Սահմանադրական
անուն
առնողներ,
կամ
լաւ
եւս
դուրսէնական
կուսակցութեան
պետեր,
իրենց
նպատակին
չհասնելէն
զայրացած,
այս
անգամ
ձեռք
կը
զարնեն
Սարգիս
պատրիարքին
դէմ
ելլալ,
նկատելով
որ
նա
թէպէտ
սկիզբէն
պահ
մը
իրենց
համախոհ
երեւցաւ,
բայց
գործի
ներքինը
թափանցելէն
եւ
նզովքի
խնդիրին
հրապարակ
ելնելէն
ետքը
զիրենք
թողուց
եւ
համարձակ
ներսէն
դրութեան
յարեցաւ:
Ուստի
հանրագրութիւն
մը
սկսան
պատրաստել
կառավարութեան
ուղղուած
թէ
պատրիարքը
չեն
ուզեր
թէ
սահմանադրութիւն
կ՚ուզեն,
եւ
օգոստոս
21-ի
ցուցարարներուն
արդարացումը
կը
պահանջեն
(ՏԷՐ.
348):
Բայց
միեւնոյն
ժամանակ
հակառակ
հանրագրութիւն
մըն
ալ
սկսաւ
կազմուիլ
գլխաւորապէս
Բերացիներու
կողմէն,
թէ
պատրիարքը
պէտք
է
մնայ
եւ
թէ
սահմանադրութիւնը
կառավարական
հաստատութենէ
ետքը
պէտք
է
գործադրուի:
Այս
երկրորդը
աւելի
ստորագրողներ
գտնալուն
առաջինին
ոյժը
կոտրեցաւ,
եւ
նենգութեամբ
երկրորդը
պատռել
վերցնել
ուզողներուն
խաղն
ալ
մէջտեղ
ելաւ:
Առաջիններուն
դիտաւորութիւնն
էր
Եդեսացի
Յակոբ
եպիսկոպոսը
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարք
ընել,
թէպէտ
Սսոյ
աթոռէն
էր,
անոր
ձեռքով
օգոստոս
2-ի
Համագումարին
վճիռը
ջնջել,
եւ
Գէորգ
եպիսկոպոսը
Երուսաղէմի
պատրիարք
ընել
(ՏԷՐ.
353)`
բայց
երկու
հանրագրութիւններ
միանգամայն
տրուեցան
կառավարութեան.
եւ
բարձրագոյն
դուռը
պատրիարք
փոխելու
չհաւանեցաւ
(ՏԷՐ.
354),
եւ
սեպտեմբեր
14-ին
հինգշաբթի
օր
փորձեց
երկու
կողմերը
համաձայնեցնել,
18-ին
պատրիարքը
եւ
վարչութեան
անդամները
հրաւիրուեցան,
եւ
21-ին
հրաւէրը
կրկնուեցաւ
հին
ձեւով
ընդհանուր
ժողով
գումարելու.
ցուցակները
մէջտեղ
ելան
Յակոբոսի
թելադրութեամբ,
թէպէտ
Գէորգ
անոնց
գոյութիւնը
կը
ժխտէր,
եւ
վերջապէս
որոշուեցաւ,
1.
Երուսաղէմի
պատրիարքը
ընտրել
երեսփոխաններու
եւ
մեծամեծներու
քուէով,
2.
Հրաւիրուելիքները
վարչական
ժողովով
որոշել,
3.
Սահմանադրութիւնը
վերաքննելով
հաստատութեան
ներկայել
եւ
հաստատուելէն
ետքը
միայն
գործադրել,
եւ
4.
Առաջիկայ
երեքշաբթի
սեպտեմբեր
6-ին
վարչութիւնը
գումարել
(ՏԷՐ.
357):
Ոմանք
կ՚ուզէին
որ
նախապէս
պատրիարքը
հրաժարի,
կամ
թէ
վերոյիշեալ
ժողովներուն
չնախագահէ
եւ
դուրսէ
ընտրելի
ընդունի,
բայց
այդ
կէտերը
մերժուեցան,
եւ
որչափ
ալ
պատրիարքի
դէմ
անտեղի
եւ
անհիմն
գանգատներ
շատցուցին,
կառավարութիւնը
իր
միտքէն
չփոխուեցաւ
եւ
պատրիարքը
աթոռին
վրայ
պահեց
(ՏԷՐ.
361):
Բայց
այս
կերպով
կացութիւնը
չփոխուեցաւ
եւ
շփոթները
չդադրեցան,
մանաւանդ
թէ
նոր
պարագայ
մը
զայն
աւելի
եւս
արծարծեց:
Որովհետեւ
անհամաձայնութեան
հիմնակէտը
Ուլնեցի
Կարապետ
կաթողիկոսի
նզովքներուն
շուրջը
կը
դառնար
եւ
զայն
կասկածի
ենթարկողներ
կային,
Իսահակ
վարդապետ
մտածեց
անոնց
վերահաստատութիւնը
ստանալ
Մայրաթոռէն,
եւ
այս
պատճառով
ճամբայ
հանեց
Նազարեան
Ռափայէլ
փոքրաւորը
(61.
ՄԱՍ.
497),
ապագայ
Մատթէոս
վարդապետն
ու
եպիսկոպոսը,
անոր
յանձնելով
նաեւ
յուլիս
26
թուականով
խնդրագիր
մը`
երկու
եպիսկոպոսէ,
երկու
վարդապետէ,
երկու
քահանայէ
եւ
12
աշխարհականներէ
ստորագրուած
յանուն
հանրութեան
(ՏԷՐ.
363-366):
Մատթէոս
կաթողիկոս
ըստ
ամենայնի
համամիտ
Կարապետի
կանոններուն,
սեպտեմբեր
1
թուականով
ընդարձակ
կոնդակ
մը
հրատարակեց
(ՄՈՎ.
166-367),
որուն
մէջ
նախ
սիրոյ
եւ
խաղաղութեան
յորդորներ
կը
կարդայ,
յետոյ
Կարապետի
կանոններուն
պատմականը
կը
քաղէ,
եւ
կանոններն
ալ
բառացի
յառաջ
կը
բերէ
եւ
կը
յարէ.
Ուստի
եւ
նզովեմք
զայնոսիկ,
որք
պատճառ
լինել
յանդգնին
զհայրապետադիր
զայնոսիկ
կանոնս
հաստատեալս
վասն
պայծառ
պահպանութեան
սրբոց
տնօրինական
տեղեացն,
եւ
Սրբոց
Յակոբեանց
վանաց,
քակտել
եւ
լուծանել,
եւ
յարտաքին
եպիսկոպոսաց
զոք
նստուցանել
այսուհետեւ
յաթոռ
պատրիարքութեան
սրբոյն
Երուսաղէմի,
եւ
կը
կնքէ
ըսելով
թէ
զայս
մեր
կոնդակ
պատուիրեմք
ընթեռնուլ
յամենայն
եկեղեցիս
Կոստանդնուպոլսոյ,
եւ
տարածել
յամենայն
վիճակս
Անատոլեայ
եւ
Ռումելիի
(ՄՈՎ.
367):
Կոնդակին
Կ.
Պոլիս
հասնիլը
սեպտեմբեր
26-ին
լսուեցաւ,
եւ
ծանօթ
կուսակցութենէն
բողոքի
ձայներ
ալ
ելան
միանգամայն,
թէ
պատրիարքը
Ռուսաստանի
թելադրութեամբ
կը
գործէ
(ՏԷՐ.
373),
եւ
մինչեւ
իսկ
ռուսական
շքանշան
առնելը
ամբաստանութեան
նիւթ
ըրին
(ՏԷՐ.
359),
եւ
ամէն
կողմ
սկսան
միտքերը
պղտորել:
Որովհետեւ
կոնդակին
պատճէնը
տպագրութեամբ
տարածուած
էր,
բնագիրին
համաձայն
չէ
եւ
խարդախեալ
է
ալ
սկսան
ըսելը
(ՏԷՐ.
382),
եւ
մինչեւ
իսկ
Սսոյ
կաթողիկոսին
իշխանութեան
ներքեւ
անցնելու
խօսքեր
տարածեցին
(ՏԷՐ.
377):
Կոնդակին
օրինակները
բոլոր
եկեղեցիներ
յղուած
էին
որ
հոկտեմբեր
1-ին
Վարագայ
խաչին
կիրակին
կարդացուին,
բայց
առաջին
բողոքողը
Մայր
եկեղեցւոյ
թաղականութիւնն
եղաւ
բնագիրը
պահանջելով,
ինչ
որ
հնար
չէր
յանձնել,
զի
ձեռք
ձգելու
եւ
ջնջելու
միտքը
յայտնուած
էր
կուսակցութեան
կողմէն
(ՏԷՐ.
383):
Միեւնոյն
բանը
կը
նորոգուի
միւս
կիրակի
Եէնիքաբուի
եկեղեցւոյն
մէջ,
եւ
եկեղեցւոյ
մէջ
ժխոր
ալ
տեղի
կ՚ունենայ:
2721.
ՍԱՐԳԻՍԻ
ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ
Ասոր
վրայ
կուսակցական
խումբ
մը
նորէն
բողոքագիր
կու
տայ
բարձրագոյն
դրան
պատրիարքին
դէմ,
եւ
երբ
կը
մերժուի,
հոկտեմբեր
15-ին
կը
փորձէ
պատրիարքին
անունին
յիշատակութիւնը
արգիլել
բարձցէ
Տէր
աղաղակներով
Եէնիքաբուի
եկեղեցին,
ուր
ուրիշ
թաղերէ
ալ
բազմութիւն
հաւաքուած
էր,
ծեծկըւուք
ալ
կը
սկսի
իրարու
ներհակ
մտածողներու
մէջ,
պատարագի
վարագոյրը
կը
փակուի,
կռիւը
փողոց
կը
տարածուի,
ոստիկանութիւն
կը
հասնի
եւ
գլխաւորները
կը
ձերբակալէ:
Սպարապետութեան
դուռնէն
ալ
զօրապետ
եւ
զօրք
կու
գայ,
ոստիկանութեան
նախարարն
ալ
անձամբ
կը
ներկայանայ
եւ
ժխորը
կը
ցրուի
(ՏԷՐ.
395):
Սակայն
կուսակցական
խումբեր
դարձեալ
պատրիարքի
դէմ
կառավարութեան
կը
դիմեն
եւ
կոնդակի
խնդիրը
պատրիարքի
խնդիրի
կը
փոխուի,
որով
հարկ
կ՚ըլլայ
ազդեցիկ
միջոցներու
դիմել:
Կառավարութեան
կողմէն
հոկտեմբեր
17-ին
մեծամեծներէ
ոմանք
խորհրդակցութեան
կոչուեցան,
18-ին
Նիկոմիդիոյ
առաջնորդ
Ստեփան
եպիսկոպոս
Մաղաքեան
կառավարութեան
հրամանով
Կ.
Պոլիս
հասաւ,
Գէորգ
եպիսկոպոս
Քէրէստէճեան
նոյնօրինակ
հրամանով
Պրուսա
դառնալ
պարտաւորուեցաւ,
եւ
Սապրի
էֆէնտիի
նախագահութեամբ
յանձնաժողով
մը
կազմուեցաւ
կացութիւնը
պարզելու,
որուն
անդամ
նշանակուեցան
եկեղեցականներէն,
Ստեփան
եպիսկոպոս
Մաղաքեան,
Յովհաննէս
վարդապետ
Կապուտիկեան,
եւ
Յովհաննէս
Փափազեան
եւ
Յովհաննէս
Հիւնքեարպէյէնտեան,
քահանաներ.
իսկ
աշխարհականներէն
Յովհաննէս
Տատեան,
Գէորգ
Երամեան,
Սերովբէ
Վիչէնեան,
Գրիգոր
Աղաթոնեան,
Յակոբ
Նորատունկեան,
Յակոբ
Մուպահեաճեան,
Յովհաննէս
Եղիազարեան,
եւ
Գասպար
Կիւմիւշճեան
(61.
ՄԱՍ.
506):
Սարգիս
պատրիարքի
այլեւս
տոկալու
հարկ
չէր
մնար,
ուստի
հրաժարականը
ներկայեց
հոկտեմբեր
19-ին
ուրբաթ
օր
(61.
ՄԱՍ.
507),
կամ
ըստ
այլոց
21-ին
(ՏԷՐ.
406),
եւ
այս
առթիւ
առժամեայ
վարչութիւն
մը
կազմուեցաւ
պատրիարքարանը
վարելու
Մաղաքեանի
նախագահութեամբ
եւ
միւս
երեք
եկեղեցականներու
անդամակցութեամբ,
եւ
եօթը
նոր
ընտրուած
աշխարհականներով,
որոնք
էին,
Միրիճան
Փափազեան,
Գէորգ
Փափազեան,
Յարութիւն
Գաբամաճեան,
Սահակ
Փէշտիմալճեան,
Ասապա
Համբարձումեան,
Գրիգոր
Թիւյսիւզեան
եւ
Մկրտիչ
Ֆրէնկեան:
Պատրիարքի
հրաժարականը
ընդունուելով
Մաղաքեան
տեղապահ
անուանուեցաւ
եւ
պատրիարքարանի
վարչութիւնը
ստանձնեց
յանձնարարական
ժողովին
եւ
պատրիարքարանի
ժողովին
հետ:
Սարգիսի
հակառակորդներ
անոր
հրաժարականով
ալ
չգոհանալով
սկսան
հռչակել
թէ
Մայր
աթոռէ
կոնդակ
եկած
չէ,
եւ
թէ
Սարգիս
զայն
յերիւրած
է
Յովհաննէս
Տէրոյենցի
օժանդակութեամբ:
Հարկ
եղաւ
որ
յանձնարարական
ժողովն
ինքն
ալ
քննութիւն
բանայ
եւ
բարձրագոյն
դրան
ալ
հաստատել
տայ,
թէ
բնագիրը
Մայր
աթոռէ
եկած
է,
եւ
թէ
տպագիրին
յար
եւ
նման
է,
որպէսզի
միանգամ
ընդ
միշտ
կոնդակի
եւ
պատրիարքի
խնդիրները
փակուին
պաշտօնական
յայտարարութեամբ,
որ
հոկտեմբեր
25-ին
հրատարակուեցաւ
(61.
ՄԱՍ.
507):
Սարգիս
Գույումճեան
1860
մայիս
2-էն
(§
2707)
մինչեւ
1861
հոկտեմբեր
21
տարիուկէսէն
քանի
մը
օր
պակաս
պատրիարքական
աթոռին
վրայ
մնաց,
եւ
ամենայն
փառօք
իբրեւ
սահմանադրական
անձ
աթոռ
բարձրանալով,
իբր
հակասահմանադրական
մը
հրաժարիլ
պարտաւորուեցաւ:
Այդ
բախտը
հասարակ
է
ամէն
անոնց
որ
առողջ
եւ
խոհական
սկզբունքներու
հետեւելով
խնդիր
մը
կ՚ընդգրկեն,
բայց
ծայրայեղութիւններէ
խորշելով
անկշռադատ
գործիչներէ
կը
հալածուին:
Սահմանադրական
սկզբունքը
որ
կանոնաւոր
վարչութեան
հիմնակէտը
պիտի
ըլլայ,
պէտք
չէ
որ
շփոթուի
յախուռն
եւ
աղիկամի
ձեռնարկներու
հետ,
որոնք
ուղղամիտ
կանոններէ
աւելի
շահադէտ
նպատակներէ
կ՚առաջնորդուին:
Երուսաղէմի
ներսէն-դուրսէն
խնդիրն
ալ,
ոչ
Երուսաղէմի
աթոռը
բարձրացնելէ,
եւ
ոչ
սուրբ
տեղեաց
պաշտպանութիւնը
ապահովելէ
առաւ
իր
ծագումը,
այլ
Երուսաղէմի
հասոյթով
Կ.
Պոլսոյ
աթոռը
ճոխացնելու
նպատակէն
սկսաւ,
ինչպէս
յայտնապէս
երեւցաւ
Սերվիչէնի
պատգամաւորութենէն
(§
2700)
եւ
սահմանադրական
ժողովներու
պահանջէն
(§
2710):
Կ.
Պոլսոյ
վարչութիւնը
տեսնալով
որ
Ս.
Յակոբեանց
միաբաններ
շատ
պինտ
կը
պաշտպանեն
իրենց
աթոռն
ու
սնտուկը,
մտածեց
անոնք
միաբանութենէ
օտար
մէկու
մը
յանձնել,
որպէսզի
տեղական
տեսութիւններով
չշարժի
եւ
Կ.
Պոլսոյ
վարչութեան
կամքը
կատարէ:
Ցաւալի
է
միայն
տեսնել
որ
Գէորգ
եպիսկոպոս
Քէրէստէճեան,
որ
նախորդ
պատրիարք
էր
եւ
ապագայ
կաթողիկոս
պիտի
ըլլար,
պատրիարքական
աթոռի
մը
մարմաջէն
բռնուած,
յանձնառու
եղած
էր
այդպիսի
անտեղի
ձգտումներու
գործիք
դառնալ:
Սարգիսի
գալով
նա
թէպէտ
պահ
մը
Կ.
Պոլսոյ
քաղաքականին
տեսութեանց
համամիտ
երեւցաւ,
բայց
շուտով
ետ
կեցաւ,
երբ
գործին
իսկութեանը
թափանցեց
եւ
չափազանցութեանց
ձգտումները
նշմարեց,
եւ
մանաւանդ
երբ
Կարապետեան
կանոններուն
խնդիրը
երեւան
եկաւ:
Իրեն
համար
գովեստի
փաստ
կը
նկատենք
որ
հակառակ
ընդդիմութեանց
եւ
բռնադատութեանց
եւ
նոյն
իսկ
անարգանաց
եւ
նախատանաց
գործէ
ետ
չքաշուեցաւ,
մինչեւ
որ
իր
ընդգրկած
սկզբունքին
իրականանալուն
ապահովութիւնը
չգտաւ:
Սարգիս
որչափ
ալ
հեզ
եւ
խոհական
եւ
ծանրագլուխ
անձ
մը
ճանչցուած
էր
(61.
ՄԱՍ.
430),
եւ
իրօք
ալ
հեզ
եւ
հանդարտ
վարմունք
ունէր,
սակայն
այդ
չէր
արգիլեր
որ
ամուր
ըլլայ
իր
տեսութեանց
եւ
հաստատուն
իր
սկզբանց
վրայ,
եւ
ասոր
ալ
փորձը
տուաւ
սաղիմական
խնդիրին
մէջ
բռնած
ընթացքովը:
2722.
ՄԻՐԻՔԷԼԱՄԻ
ԽՆԴԻՐԸ
Սարգիս
պատրիարքութեան
առաջին
օրէն
արի
հաստատամտութեան
փորձը
տուած
էր
Կարապետ
Միրիքէլամի
թաղման
շուրջը
յուզուած
խնդիրին
մէջ:
Բողոքականներ
տակաւին
իբրեւ
անկախ
հասարակութիւն
դատուելնէն
առաջ
եւ
զատուելնէն
ետքն
ալ
առանց
դիտողութեան
կը
թաղուէին
հայ
գերեզմաննոցներու
մէջ:
Միրիքէլամ
իրեն
հաւատակիցներուն
նշանաւոր
դարձած
էր
Հայոց
եկեղեցւոյն
դէմ
անդուռն
հայհոյանքներով,
հայադաւանները
կռապաշտ
եւ
հայ
եկեղեցիները
կռատուն
եւ
արարողութիւնները
աւելորդապաշտութիւն
կոչելով,
եւ
իրեն
ալ
նոր
աւետարանի
առաքեալ
ըլլալու
հովեր
տալով
(ՊԷՐ.
384):
Իրեն
մահը
հանդիպեցաւ
Պալաթ
թաղի
մէջ
1860
յուլիսին
առջի
օրը,
որ
է
ըսել
Սարգիսի
պատրիարքութենէն
եւ
Սահմանադրութեան
կազմուելէն
հազիւ
ամիսուկէս
ետքը,
բողոքականներ
ուզեցին
զայն
թաղել
էտիրնէքաբուէ
դուրս
Պալաթի
գերեզմաննոցին
մէջ,
իսկ
Պալաթցիք
խմբովին
գերեզմաննոցի
մէջ
ժողվուեցան
թաղումը
արգիլելու:
Խնդիրը
սկսաւ
յուլիս
2
շաբաթ
օր:
Կրկին
էր
Պալաթցոց
ընդդիմութեան
պատճառը,
զի
ոչ
միայն
Միրիքէլամ
համարձակ
հայհոյիչ
եւ
իրենց
եկեղեցւոյն
անարգող
մըն
էր,
այլ
եւ
Պալաթի
թաղեցի
չէր,
եւ
Պալաթի
գերեզմաննոցը
տակաւին
բողոքական
մը
թաղուած
չէր
(60.
ՄԱՍ.
440):
Բողոքականներ
կը
պնդեն
եւ
ոստիկանական
միջամտութեան
կը
դիմեն,
բայց
հայեր
բացարձակապէս
կ՚ընդդիմանան,
արդէն
մերձակայ
եւ
հեռաւոր
թաղերէն
ալ
եկողներ
ստուարացուցած
էին
Պալաթցոց
թիւը:
Գործը
պատրիարքարան
կը
հասնի
եւ
երկուշաբթի
յուլիս
4-ին
ժողով
կը
գումարուի,
եւ
կ՚որոշուի
թէ
բողոքականներ
իբրեւ
զատուած
եւ
անկախ
հասարակութիւն
իրաւունք
չունին
Հայոց
ստացուածքին
վրայ,
թող
որ
պատրիարքարանը
չի
կրնար
պարտաւորել
գայթակղած
եւ
զայրացած
խիղճերը:
Երեքշաբթի
յուլիս
5-ին
կառավարութենէ
հրաման
կու
գայ
գերեզմաննոցին
մէկ
կողմը
թաղման
տեղ
մը
ցուցնել.
Անգղիոյ
եւ
Ամերիկայի
դեսպաններն
անձամբ
պատրիարքական
կու
գան
իրենց
կրօնակիցը
պաշտպանելու,
բայց
տեղի
կու
տան
պատրիարքի
համոզկեր
բացատրութեանց,
կը
հաւանին
որ
գերեզմաննոցի
մէկ
անկիւնը
տեղ
մը
ցուցուի,
եւ
կը
խոստանան
կարգադրել
որ
այլեւս
բողոքականներ
Հայոց
գերեզմաննոցներ
չթաղուին,
եւ
այս
կերպով
ալ
կը
գրեն
պնդող
բողոքականներուն:
Իսահակ
վարդապետ
եւ
Յովհաննէս
Տատեան
եւ
Գրիգոր
Օտեան
Պալաթու
գերեզմաննոցը
կ՚երթան
զատուցեալ
տեղ
մը
ցուցնելու
երբ
արդէն
իրիկուն
էր:
Այդ
կարգադրութեանց
վրայ
եղած
ատեննին
շշուկ
մը
կը
լսուի
թէ
բողոքականներ
սպաննած
են
Իսահակ
վարդապետը,
եւ
իսկոյն
գերեզմաննոցը
ժողովուրդով
կը
լեցուի,
ոստիկանապետն
ալ
հասնելով
հազիւ
կրնայ
ժողովուրդը
ցրուել
արեւ
մտնելէն
երեք
ժամ
ետքը:
Թաղումը
միւս
օրուան
կը
յետաձգուի,
եւ
յուլիս
6
չորեքշաբթիի
առտու,
սպարապետ
Ռիզա
փաշա
գերեզմաննոց
կու
գայ
բազմաթիւ
զօրքով
եւ
գործը
վերջացնելու
միտքով,
բայց
դարմանը
որոճացած
ատեն
նորէն
յուզում
կը
պատճառէ,
իբր
զի
որոշուած
տեղը
Հայոց
գերեզմաններուն
մօտն
էր,
զինուորներ
կը
միջամտեն
զէնքով
ժողովուրդը
հեռացնելու
եւ
իբր
15
հոգի
կը
վիրաւորուին:
Պատրիարքը
լսելով
անձամբ
տեղւոյն
վրայ
կու
գայ,
սպարապետին
կը
խօսի
եւ
կը
հանդարտեցնէ,
ուրիշ
զատուած
տեղ
մը
կ՚որոշէ
եւ
ամենայն
ոյժով
կը
պաշտպանէ
Հայոց
ազգային
եւ
կրօնական
իրաւունքը,
մինչեւ
որ
սպարապետը
տեղի
կու
տայ
եւ
պատրիարքին
ցուցած
տեղը
Միրիքէլամի
դիակը
կը
թաղուի,
ուրբաթէ
չորեքշաբթի
անթաղ
մէջտեղ
մնալէ
ետքը
(60.
ՄԱՍ.
440):
Անգղիական
դեսպան
Հէնրի
Պուլվըր
յուլիս
9-ին
պատրիարքին
գանգատագիր
մը
կ՚ուղղէ,
աններողամտութիւն
եւ
քրիստոնէական
եղբայրակցութեան
մոռացում
վերագրելով
Հայոց,
եւ
շեշտելով
որ
եթէ
Հայեր
համակրութիւն
չունին
բողոքականներուն,
մեր
ազգին
ալ
շատ
դժուար
կ՚ըլլայ
համակրութիւն
ունենալ
ձեզի:
Պատրիարքը
ընդարձակ
գրութեամբ
մը
կը
պատասխանէ
12-ին
Հայոց
ներողամտութիւնը
բարձրացնելով,
Միրիքէլամի
ընթացքը
բացատրելով,
եւ
ազգային
ու
կրօնական
իրաւունքները
ճշդելով,
այնպիսի
համոզիչ
եւ
խոհական
լեզուով,
որ
Պուլվըր
17-ին
կը
ստիպուի
պատասխանել
ստացած
նամակին,
թէ
բերկրութեամբ
կ՚ընդունիմ
զայն,
եւ
անոր
մէջ
ապացոյց
մը
կը
նշմարեմ
այն
խաղաղասէր
եւ
հաշտարար
ոգւոյն,
որով
ես
ինքս
վառուած
եմ
(60.
ՄԱՍ.
442):
Միրիքէլամի
միջադէպը
ոչ
միայն
Սարգիսի
գործունէութեան
սկիզբէն`
անոր
վրայ
վարկ
ու
յարգանք
հրաւիրեց,
այլ
եւ
առկախ
խնդիր
մը
վերջացուց,
զի
կառավարութեան
կողմէն
հրաման
եղաւ
բողոքականներուն
յատուկ
գերեզմաննոց
որոշել,
եւ
այլեւս
Հայոց
գերեզմաննոցներն
չթաղել:
Սարգիսի
համառօտ
պաշտօնավարութիւնը
սահմանադրութեան
եւ
Երուսաղէմի
խնդիրներով
սպառեցաւ,
եւ
Միրիքէլամի
միջադէպն
ալ
միայն
իբրեւ
նշանակալից
իրողութիւն
մը
յառաջ
բերինք: