Ազգապատում. հատոր Գ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

2638. ՕԺԱՆԴԱԿ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐ

Ուսումնական խորհրդոյ մը անունը տուինք վերեւ, եւ իրօք ալ այդ մարմինը կազմուած էր 1853 սեպտեմբեր 29-ին Գերագոյն ժողովին որոշմամբ: Յորմէ հետէ պատրիարքարանին մէջ ժողովական վարչութիւն հաստատուծ էր, եւ կրօնական եւ քաղաքական գործերը Հոգեւոր եւ Գերագոյն ժողովներու ձեռքով կը տնօրինուէին 2595), պէտք զգացուած էր օժանդակ խորհուրդներ ունենալ գործառնութեանց մասնաւոր ճիւղերուն համար, խնդիրները ուսումնասիրելու, առօրեայ գործեր հոգալու եւ ընթացքին վրայ հսկելու, բարձրագոյն իշխանութիւնը վերապահելով երկու վարչական ժողովներու: Անգամ մը որ վարչութիւնը բացարձակ միապետականէ հեռանալով խորհրդակցական եւ գործակցական ուղղութեան մտած էր, այդ ձեւերը անհրաժեշտ կը դառնային, եւ 1847-ին հիմնարկուած ձեւը 1853-ին նոր քայլ մըն ալ կ՚առնէր: Առաջին օժանդակ խորհուրդը կազմուեցաւ Ուսումնական խորհուրդ անունով, եւ իրաւամբ կրթական եւ վարժարանական ճիւղէն կը սկսէր, իբրեւ աւելի կենսական եւ նախադասելի ճիւղը: Այդ նոր մարմինը կազմելու համար Գերագոյն ժողովը յառաջ կոչեց զանազան հմտութեանց մէջ յառաջադէմ եւ վկայեալ անձեր, եւ կրնանք ըսել թէ տիպար ուսումնական խորհուրդ մը եղաւ առաջինը, որունչ կրցաւ հաւասարիլ յաջորդներէն եւ ոչ մէկը: Անդամները 14 եղան, Յակոբ Ամասեան հողագէտ, Աբրահամ Երամեան լեզուագետ, Կարապետ Իւթիւճեան հրապարակագիր, Յարութիւն Հովուեան բանասէր, Սարիմ Մաքսուտեան կենցաղագէտ, Նիկողայոս Պալեան ճարտարապետ, Խաչատուր Պարտիզպանեան չափագէտ, Նահապետ Ռուսինեան լեզուաբան, Յովհաննէս Վահանեան տարրագէտ, Սերովբէ Վիշէնեան բժիշկ, Առաքել Տատեան ճարտարարուեստ, Յարութիւն Տատեան բնագէտ, Սիմոն Տատեան առեւտրական, Գրիգոր Օտեան գրագէտ, եւ խումբին ատենապետ ընտրուեցաւ Սերովբէ Վիշէնեան, որ համառօտեալ ստորագրութենէն Սեր Վիշէն կամ Սերվիշէն կոչուեցաւ: Որչափ ալ ընտիր տարբերէ կազմուած եւ խոստմնալից էր անդրանիկ Ուսումնական խորհուրդը, սակայն մեծ արդիւնաւորութիւն մը չկրցաւ ունենալ: Անդամակիցներէն իւրաքանչիւրը վարժարանական ծրագիրներէն զատ ձեռնարկեց իր մասնագիտութեան համաձայն առձեռն հրատարակութիւններ մշակել, եւ այս կարգին Ռուսինեանն ալ Օտեանի աջակցութեամբ եւ ուրիշ ընկերներու խորհրդակցութեամբ ի լոյս ընծայեց իր Ուղղախօսութիւնը, որուն վրայ խօսեցանք, բայց գործին անյաջող վերջաւորութիւնը իր եւ ընկերներուն վրայ աննպաստ տպաւորութիւն թողուց, զի քըննիչ յանձնաժողովն ալ ամբողջապէս ուսումնական խորհրդոյ մէջէն առնուած էր, եւ խորհուրդը ամբողջ գործէ քաշուեցաւ (01. ՕՐԱ. 241), հազիւ տարի մը պատօն վարելով, եւ հազիւ թէ գործին գլխաւոր գիծերը ուսումնասիրելով: Աւելի յաջող գործունէութիւն ունեցաւ Տնտեսական ժողով անուամբ 1856-ին կազմուած օժանդակ մարմինը, որուն յանձնուեցան պատրիարքարնի սնտուկը, հիւանդանոցը, եւ տնանկաց մատակարարութիւնը, եւ անդամակցութեան կոչուեցան 22 անձեր առեւտրական դասակարգերէն (ՔԷՉ. 113), եւ որ 1859-ին վերակազմուեցաւ 26 անդամներով, եւ պաշտօնը շարունակեց մինչեւ սահմանադրութեան սկիզբը: Երրորդ օժանդակ մարմին մըն ալ, Դատաստանական ժողովը յիշատակուած կը տեսնենք (ՔԷՉ. 95), թէպէտ աւելի տեղեկութիւն չենք գտներ անոր կազմութեան եւ գործունէութեան մասին:

2639. ԿԱՐԱՊԵՏ ՇԱՀՆԱԶԱՐԵԱՆ

Պահպանողականութեան եւ լայնախոհութեան միջեւ գոյացած պայքարը, առանց օտարադաւանութեան սահմանն ալ մտնելու, առիթ ընծայեց նոր խնդիր մըն ալ յուզելու Շահնազարեան վարդապետին շուրջը: Անոր անունը վերջին անգամ յիշեցինք անհրաման Կովկասէ Կ. Պոլիս մեկնելուն առթիւ, եւ ըսինք ալ թէ իր կարգին առիթ պիտի ունենայինք անոր մասին խօսելու 2614): Կարապետ վարդապետ Շահնազարեան բնիկ Պարսկաստանցի, 1810-ին ծնած, 40 տարեկան էր երբ 1850 սեպտեմբերին Ներսէս Աշտարակեցիի, իր նախկին պաշտպանին եւ գնահատողին ձեռքէն ազատելու համար Կ. Պոլիս կը հասնէր: Անունն ու համբաւը ծանուցեալ ըլլալով եւ գալուն ներքին պատճառը յայտնի չըլլալով, Յակոբոս պատրիարքի կողմէն Ղալաթիոյ Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ քարոզիչ կը նշանակուի: Բայց երբ Ներսէսի գիրերը կը հասնին պատրիարքին եւ Պալեան եւ Տատեան ամիրաներուն զի չընդունիցին զՇահնազարեան իբրեւ Հայոց վարդապետ, պատրիարքը կը բաւականանայ քարոզչութենէն արգիլել (ՊԷՐ. 289): Շահնազարեան Տէրոյենցի հետ տեսակցութիւններ կ՚ունենայ եւ կրօնական խնդիրներու վրայ տեսութիւններ կը յայտնէ քիչ մը յայնախոհ միտքով խօսուած, եւ իսկոյն Տէրոյենց իր մտերիմներուն կը սկսի շշնչել թէ անհաւատութեան նշաններ տեսնր է անոր վրայ: Զրոյցները Շահնազարեանի ականջը կը հասնին եւ քննութիւն կը պահանջէ, եւ իրօք ալ 1851 փետրուար 21-ին յատուկ ժողով մը կը գումարուի պատրիարքարան, Յակոբոսի ու Մատթէոսի, եկեղեցականներու եւ պատուելիներու եւ ամիրաներու ներկայութեամբ, Տէրոյենց եւ Շահնազարեան դէմ դիմաց կը խօսին եւ կը վիճին, անհաւատութեան ամբաստանութիւնը կը փարատի եւ Շահնազարեան կը ճանչցուի Հայոց եկեղեցւոյ օրինաւոր, հաւատարիմ, կրօնասէր վարդապետներէն մէկը, բայց կ՚երեւի թէ Տէրոյենց իր զրոյցները կասեցուցած չէ, որ երկրորդ ժողով մըն ալ կը գումարուի Պէշիկթաշ Տատեանց տունը եւ աւելի կրօնագէտի համբաւ ունեցող անձերէ, ուր Շահնազարեանի թերուդէմ խօսողներ կը գտնուին, բայց ժողովի եզրակացութիւնը ոեւէ աննպաստ որոշում չի տար Շահնազարեանի դէմ: Տէրոյենց դարձեալ չի լռեր եւ իր պարբերականին մէջ Շահնազարեանի դէմ յօդուածներ կը հրատարակէ, որուն սա կը պատասխանէր Զմիւռնիոյ Արշալոյս հանդէսին մէջ ոմն ստորագրութեամբ: Երկու տարի եւս մնաց Շահնազարեան Կ. Պոլսոյ մէջ գրական եւ դպրոցական զբաղումներով, բայց տեսնելով որ պիտի չկարենայ իրեն ազատ ասպարէզ կազմել` 1853-ին մեկնեցաւ Եւրոպա, եւ նախ Բարիզ հաստատուեցաւ եւ Երկրագունտ հանդէսը սկսաւ հրատարակել (01. ՕՐԱ. 238), եւ այն տեղ գտնուող հայերուն հոգեւորական խնամքն ալ ստանձնեց, եւ 1854 յուլիս 1-ին հայկական մատուռ մըն ալ բացաւ Նաբոլէոն Գ. կայսեր արտօնութեամբ, եւ հետզհետէ իր գրական եւ հրատարակաչական ձեռնարկները կատարելագործելով շարք մը հայ անտիպ պատմագիրներ հրատարակեց 1851-ին (ԱՍՈ. ՂՆԴ. ՍՄԲ. ՎԱՀ. ՕՐԲ. ), եւ ծանօթներ գաղղիերէնի ալ թարգմանեց (ՊԷՐ. 289), ուսկից ետքը Անգղիա անցաւ եւ Մանչէսթրի հայ գաղութին յատուկ եկեղեցի շինուելուն գլուխ կեցաւ եւ հոգեւորապէս հովուեց ժողովուրդը: Բայց ախտ ինչ դժնդակ եւ անբուժելի ստիպեց զայն գործունեայ ասպարէզէն քաշուիլ, եւ նախ Բարիզ դառնալ եւ անկէ Եգիպտոս անցնիլ ախտին դարման, եւ եթէ ոչ բժշկութիւն, գոնէ կենաց երկարում փնտռել: Եգիպտոսի մէջ մտերմացաւ Զմիւռնացի Նուպար Նուպարեանի հետ, որ է նոյն ինքն փոխարքայութեան նախարար եւ Եգիպտոսի բարեկարգիչ Նուպար փաշան, եւ անոր յանձնեց իր կազմած դրամագրուխը եւ կտակակատար հաստատեց, անով Կիլիկիոյ մէջ վարժարան մը բանալու, եւ ինքն դարձաւ Կ. Պոլիս, ուր եւ վախճանեցաւ 1865-ին: Բայց հազար ոսկւոյ դրամագրուխ անբաւական էր իսկոյն վարժարանի մը հիմնարկութեան եւ պահպանութեան, ուստի Ներսէս եպիսկոպոս Վարժապետեան, որ նոյն տարին Կ. Պոլսոյ կողմէն քննիչ գացած էր Եգիպտոս, առաջնորդ Քէֆսիզեան Մկրտիչ եպիսկոպոսի խնդիրին համար (ՋՈՋ. 387), յաջողեցաւ Նուպարը համոզել` նուիրատուութեամբ դրամագրուխը լրացնել եւ Նուպար-Շահնազարեան անունով վարժարանը բանալ Կ. Պոլսոյ մէջ երեք հազար ոսկւոյ աւելուածով, եւ յանուն Շահնազարեան կտակին տասը Կիլիկեցի աշակերտներ ձրիաբար պահել ու կրթել, ապագային Կիլիկիոյ մէջ աշխատելու համար: Այս եղած է Խասքէօյի համանուն վարժարանին սկզբնաւորութիւնը, որ գովելի արդիւնք եւ լաւ համբաւ ունեցաւ ազգին մէջ, եւ որ Շահնազարեանի եւ Նուպարի անուններուն հետ Վարժապետեանի ալ անունին պարծանք հանդիսացաւ, զի վերջինս վարժարանին շինութեան եւ հիմնարկութեան հետ վերատեսչութեան ալ աշխատեցաւ:

2640. ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԵՌԱՆԴ

Յակոբոսի պատրիարքութեան ժամանակին յիշատակելի պարագաներէն յիշենք եւս, թէ իր օրով Կ. Պոլսոյ նոր եկեղեցիներու վրայ աւելցան Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէսը 1849 դեկտեմբեր 18-ին, Ալթըմէրմէրի Ս. Յակոբոս Գլխադիրը 1858-ին, ինչպէս նաեւ Գնալը կղզիի մէջ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը 1857 սեպտեմբեր 22-ին (00. ՕՐԱ. 156-173), ուր Հայեր սկսած էին բնակիլ եւ պետական արտօնութեամբ կղզին չէնցնել (ՊԷՐ. 370): Ի հիմանէ նորոգուեցան Էյուպի Ս. Աստուածածինը 1885-ին, Գումաքաբուի դուրսի Ս. Յարութիւնը Յարութիւն Պէզճեանի կտակով 1855 դեկտեմբեր 14-ին, Ռումելիհիսարի Ս. Սանդուխտը 1856 յուլիս 29-ին Փափազեան Ճանիկի կտակով, Սթենիայի Ս. Կարապետը 1857-ին Միսաք ամիրայի ծախքով, Գարթալի Ս. Նշանը 1857 սեպտեմբեր 1-ին Նորատունկեան Սիմոն եւ Յակոբ եւ Գրիգոր եղբարց առատ օժանդակութեամբ, Գասըմփաշայի Ս. Յակոբը 1857-ին Տօնիկ ամիրայի եւ Նորատունկեան Յակոբի նուէրներով (00. ՕՐԱ. 162-172): Յիշենք եւս թէ քիչ առաջ Մատթէոս պատրիարքի օրով վերաշինուած էին Եէնիքաբուի Ս. Թադէոս եւ Բարթուղիմէոսը 1846-ին, Գանտիլլիի Սուրբ Երկոտասան Առաքեալքը 1846-ին, Գարակէօմրուկի Սուրբ Յովհան Ոսկեբերանը 1847-ին եւ Պէօյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմէն 1848-ին (00. ՕՐԱ. 224): Բայց երբ կրօնական հաստատութեանց այդչափ փոյթ կը տարուէր, աւելի ալ կը գործադրուէր ուսումնական եւ կրթական ճիւղին համար, որուն տենդային եռանդով կը հետեւէին ամէն դաակարգեր: Ոչ միայն գլխաւոր թաղեր, այլեւ նուազ կարեւոր թաղեր եւ թաղամասեր, ինչպէս Ալթըմէրմէր, Աղատլը, Սթենիա, Գընալը, Տօլապտէրէ, իրենց յատուկ վարժարաններն ունեցան. եւ պաշտօնական քնութեան արդիւնքը կը ցուցնէր 42 վարժարան, 4376 աշակերտ, 1155 աշակերտուհի, 197 ուսուցիչ, եւ 875. 000 արծաթ դահեկան վարժարանի ծախք (01. ՕՐԱ. 249): Այլեւս ամենայն ինչ ամիրաներէն եւ ունեւորներէն սպասելու հոգին մարած էր, եւ ժողովրդական խումբեր ընկերութիւններ կազմելով եւ փոքրիկ նուէրներով ձեռնարկներ կատարելու կը վարժուէին: Այս տեսակէն էին Գումքաբուի Ընթերցասիրաց Միութիւնը, Օրթաքէօյի Վերածնութեան Թանգարանը, Կ. Պոլսոյ Մեսրոպեան հրատարակչականը եւ Եղբայրասիրական խումբը (01. ՕՐԱ. 248): Լրագիրներու թիւը 20-ի հասած էր, թէպէտ մեծաւ մասամբ սակաւակեաց բայց միշտ տենդոտ ուսումնասիրութեան արդիւնք: Ասոնց գլխաւորն էր Գերագոյն ժողովոյ որոշմամբ եւ պատրիարքարանի հաշուոյն 1848-ին հրատարակուիլ սկսած շաբաթաթերթը, որ զանազան խնբագիրներ եւ հրատարակիչներ փոփոխելով, վերջապէս 1852 փետրուար 2-ին Կարապետ Իւթիւճեանի կ՚անցնի, եւ Հայաստան անունն ալ Մասիս-ի փոխելով տեւական կեանք մը կ՚ունենայ, այնպէս որ իրաւամբ կրնանք Իւթիւճեանը ընդունիլ իբրեւ տաճկահայ լրագրութեան նահապետ եւ իբր կոկիկ աշխարհաբարի ու լրագրական ոճի հիմնադիր (01. ՕՐԱ. 250): Հայերէն լեզուով թատերական բեմի սկզնաւորութիւնն ալ զուարճութենէ աւելի ուսումնական եռանդին հետեւանք պիտի ճանչցուի, զի առտնին շրջանակներէ սկսաւ երբ տակաւին դերասանական հաստատուն խումբեր գոյութիւն չունէին: Այդ կարգին կրնանք յիշել Պէպէքի Գաղղիական Վարժարանին, Իւսկիւտարի Օտեան Պօղոսի տունին, Օրթաքէօյի Լուսաւորչեան Վարժարանին եւ ուրիշ մասնաւոր տուներու մէջ 1855-էն սկսելով տրուած ներկայացումները, մինչեւ որ 1858-ին առաջին թատրոնը կը բացուի Խասքէօյ, եւ հետզհետէ հրապարակի վրայ թատերագիրներ կ՚երեւան, Սրապիոն Հէքիմեան, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան, Թովմաս Թէրզեան, Մկրտիչ Աճէմեան, եւ այլք, այլեւ դերասաններ, Էքշեան, Մաղաքեան, Մնակեան, Չափրաստճեան եւ ուրիշներ, եւ դերասանուհիներ: Գրական երկխոսութեանց մասին ալ կրնայինք խօսիլ, այլ մատենախօսական ճիւղէն ցարդ հեռու մնացինք, ոչ միայն զի մեզ կրնայ երկայնաբանութեանց տանիլ, այլ մանաւանդ որ յատուկ ճիւղ մըն է եւ իրեն մասնաւոր մշակողներն ունի:

2641. ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ ԵՒ ՃԵՄԱՐԱՆ

Իսկ հիւանդանոցն ու ճեմարանը չենք կրնար զանց ընել, զի ազգային կեանքին մէջ կարեւոր հաստատութիւններ եղան, եւ անցելոյն մէջ ալ անոնց մասին խոսեցանք եւ շարունակութիւնն ալ պէտք է աւելցնենք: Հիւանդանոցը այն օրէ որ իր լրումը ունեցաւ 1834-ին 2503), ժամանակին տիրող ձեւով միւթէվէլլի, այսինքն վերատեսուչի մը հոգածութեան յանձնուեցաւ, որ յառաջ Միքայէլ Փիշմիշեանն էր, եւ անոր հրաժարելէն ետքը պահ մը առժամեաներ վարեցին վերատեսչութիւնը մինչեւ որ պաշտօնը ստանձնեց վառոդապետ Պօղոս Տատեան (ՔԷՉ. 72), եւ զայն կը վարէր մինչեւ Գերագոյն Ժողովին հաստատուիլը 1847-ին 2595): Բնական էր որ վերատեսուչներ անձամբ ամէն բան չկարենային հոգալ եւ հսկել, մանաւանդ որ ուրիշ կողմէ ալ զբաղեալ անձեր էին, ուստի իրենց կողմէ եւ իրենց պատասխանատուութեան ներքեւ հոգաբարձուներ կամ հոգեբարձութիւն կը նշանակէին, եւ վերջին պահուն գործի վրայ կը գտնուէին Անտոն Գաբամաճեան, Յարութիւն Գաբամաճեան, Անդրանիկ Մինէճեան, Գէորգ Գաքմաճեան, եւ Քրիստոստուր Ղազարոսեան (ՔԷՉ 81): Տատեանք ընդհանրապէս ոգեւին նուիրեալ էին հիւանդանոցի պահպանութեան, եւ ինչպէս Պօղոս 1844-ին հիւանդանոցին կը թողուր իր ընտանեաց յատկացեալ օրական տասը քաշ միսի կառավարական պարէնը, 1845-ին ալ իր հօրեղբայրը Յովհաննէս Տատեան իբրեւ իր անձին յատուկ շնորհ օրական 15 քաշ միսի 37 ուկէս քաշ հացի շնորհը կ՚ընդունէր Ապտիւլմէճիտ կայսրէ յօգուտ հիւանդանոցին (ՔԷՉ. 82): Արդէն Ս. Յակոբի ժանտախտանոցին գետինն ալ, հիւանդանոցի հանդիպակաց այգին ալ, եւ սայլերով ուտելիքներ, եւ ամէն պակասին անմիջապէս լրացումները Տատեան Պօղոսի սիրայօժար նուէրներն էին (ՔԷՉ. 85). բայց հակառակ այսչափ ջանքերուն կը տեսնայ որ հիւանդանոցին վիճակը չհամապատասխաներ եղած այնչափ զոհողութեանց, ուստի կ՚որոշէ գործէն քաշուիլ, եւ նորընտիր Գերագոյն Ժողովին մէջ կը յայտարարէ թէ այսուհետեւ չեմ կրնար տանիլ այս բեռը, եւ ասոր վրայ հիմնական փոփոխութիւն կը կատարուի, եւ հիւանդանոցին վերին հոգածութիւնը վերատեսչութենէն Գերագոյն Ժողովին կ՚անցնի 1848-ին, եւ անոր կողմէ ընտրուած եւ 14 անդամէ բաղկացած հոգաբարձութեան մը կը յանձնուի, որ հիւանդանոցին հետ տնանկաց սնտուկն ալ պիտի մատակարարէր: Ներքին կանոնագիրի պէտքն ալ կը զգացուի եւ կը պատրաստուի 1849-ին, բայց գործծադրուած չերեւիր, իսկ 1850-ին ելեւմուտքը հաւասարակշռելու համար յանձնարարական ժողով մը կը կազմուի, եւ ինչ ինչ տուրքեր կ՚աւելցուին ի նպաստ հիւանդանոցին, եւ հոգաբարձութեան երկամեայ լրանալուն ինչ ինչ փոփոխութեամբ կը վերակազմուի 17 անդամներով (ՔԷՉ. 96-97): Նոյն 1850 տարւոյ դեկտեմբերին Գերագոյն Ժողովը կը խորհի ճեմարանը եկեղեցական վարժարանի փոխարկել եւ վարդապետանոց բանալ, բայց գործադրութեան չանցած Ճեմարան-վարդապետանոցը Իւսկիւտարէ հիւանդանոց փոխադրուեցաւ, եւ 16 չափահաս աշակերտներ ընդունուեցան, կրտսերագոյնը 23 տարեկան: Յաջորդ 1852 տարին հոգաբարձութիւնը փոխուեցաւ (ՔԷՉ. 105) եւ վարդապետանոցը փակուեցաւ իբրեւ աւելորդ բեռ (ՔԷՉ. 99) եւ աշակերտներ ցրուեցան, ոմանք վարդապետ եղան եւ ոմանք վարժապետ, բայց ոյժ տրուեցաւ վարժարանին, այնպէս որ իբր ազգային ուսումնական հաստատութեանց մէջ ամենակարեւորը, եւ իբր առաջինը կրցաւ հռչակուիլ (ՔԷՉ. 101): Հոգաբարձութիւնը վերանորոգուեցաւ 1854-ին միայն 8 անդամներով, որոնք երկու մասի բաժանուեցան եկամտից հայթայթման եւ ներքին վարչութեան ճիւղերով: Այդ միջոցին ուսումնական խորհուրդը միտք յղացաւ` հիւանդանոցի կամ ճեմարանի վարժարանը երկրագործականի փոխարկել. Գերագոյն Ժողովն ալ հաւանեցաւ, Յակոբ Ամասեան գլուխ կեցաւ, երկրագործական վարժարանը բացուեցաւ, բայց ծախքերը շատցան, նոյն ժամանակին տեղի ունեցող պատերազմն ալ տարապայման սղութիւն յառաջ բերաւ, եւ այդ վարժարանն ալ մէկ տարի տեւելով միւս տարի փակուեցաւ (ՔԷՉ. 109), հոգաբարձուներ հետզհետէ քաշուեցան, բայց կարօտութիւնը նոր գրգիռ մը ազդեց: Տատեանք եւ Պալեանք շարժուեցան եւ 1856-ին նոր հոգաբարձութիւն կազմուեցաւ, որ կրցաւ դպրոցը բարեկարգել, որ մինչեւ 1859 շատ փայլուն վիճակ կը ներկայէր (ՔԷՉ. 115): Արդէն 1858-ին վերաբացուած էր վարդապետանոցն ալ Ժառանգաւորաց Վարժարան անուամբ (ՔԷՉ. 99), եւ ոչ միայն ազգային ժողովոց եւ անձնաւորութեանց, այլեւ 1858 սեպտեմբեր 28-ին հանրային կրթութեան պետական ժողովին գնահատման ալ արժանացաւ, եւ ազգային շրջանակներու մէջ արդիւնաւոր եւ նշանաւոր եղած աշակերտներուն անուններն ալ բաւական են նոյնը հաստատել: Միայն Ժառանգաւորաց վարժարանի գոյութիւնը քննադատութեան ենթարկուեցաւ ազգին յառաջդիմասէրներուն կողմէն, որ լուսաւորեալ կը կոչուէին, իբր հիւանդանոցի եւ ճեմարանի նպատակներէն օտար մի ծախք, եւ Ժառանգաւորացն ալ փակուեցաւ իր երկրորդ տարւոյն մէջ (ՔԷՉ. 122): Բայց պէտք է դիտել որ Ճեմարանին հիւանդանոցի հետ կցուելուն պարագայն այնպիսի մտայնութիւն մը յառաջ բերած էր, որ հիւանդանոցը այլեւս ուսումնական եւ ոչ բարեգործական հաստատութիւն մը կը նկատուէր, եւ ամէն ջանք ու ծախք ուսմանց ճիւղին կը նուիրուէր բոլորովին անտեսելով հիւանդաց եւ անկելոց ճիւղը, զի նոյն այն տարիներուն մէջ երբ փայլուն ուսումնական վիճակ կը տիրէր, հիւանդաց բաժինը ամենախեղճ կացութիւն ունէր (ՔԷՉ. 116), որուն նշանակն է հիւանդներուն թիւէն 38% եւ 40% մեռելներ եղած ըլլալը (ՔԷՉ. 265):

2642. ՊՕՂՈՍԻ ՎԱԽՃԱՆԸ

Կոստանդնուպոլսոյ անցքերը ընդհատելով Երուսաղէմի պատրիարքութեան եւ Յովհաննէսի գործունէութեան չմտած, պիտի յիշատակենք Կ. Պոլսոյ նախկին պատրիարք Պօղոս Գրիգորեան Ադրիանուպոլսեցիին մահը, որ Երուսաղէմի բնիկ միաբան էր եւ աթոռին ծառայած էր իբր նուիրակ եւ իբր փոխանորդ, եւ որ ծայրագոյն կառավարիչի անունով տիրապէս Երուսաղէմի պետն ու վարիչը, եւ եթէ ոչ անունով այլ իրօք եւ արդեամբ պատրիարք էր եղած, եւ Երուսաղէմը ազատած էր ծանր պարտքերու անտանելի բեռէն, եւ նորոգութեանց ու յարդարմանց, եւ Իւսկիւտարի ճեմարանին հիմնարկութեան ծախքերէն զատ, պահեստի համար խնայուած գումարներ ալ կրցած էր պատրաստել: Այդ ամէնը արդէն յիշած ենք, եւ մինչեւ Զաքարիայի ընտրութիւնը իր գործունէութիւնը պատմած: Զաքարիայի 1841-ին պաշտօնի գլուխ անցնելու օրէն, Պօղոս արդէն 78 տարեկան եղած, իր անխոնջ գործունէութեան ասպարէզը թօթափելով, լոկ խրատատու եւ խորհրդատու աջակից դերը վերապահած էր իրեն, եւ նոյնիսկ Զաքարիա պատրիարք առանց անոր գիտակցութեան եւ խորհրդակցութեան գործ չէր կատարեր: Բայց հետզհետէ սկսաւ աչքերուն տեսութիւնը պակսիլ, ականջներուն լսելութիւնը ծանրացաւ, եւ մարմնոյ կազմութիւնը թուլցաւ, եւ Զաքարիայի վերջին տարիէն սկսելով մշտական անկողնոյ եւ հանգիստի պարտաւորուեցաւ, եւ այսպէս ապրեցաւ այլեւս 7 տարիներ մինչեւ 1853: Սակայն հակառակ մարմնոյ տկարութեան ուշ նորա եւ միտք կային ի նմա կենդանի (ՍԱՒ. 1304), եւ Զաքարիայի եւ Կիրակոսի եւ Յովհաննէսի օրերն ալ ամենայն ինչ ակնարկութեամբ նորին տնօրիներ (ԱՍՏ. Բ. 538): Իր ժամանակը կ՚անցնուէր աղօթքով, եւ օրական պայմանեալ պաշտամունքը անկողնին մէջ անթերի կը լրացներ, թելադրող սարկաւագներու կամ դպիրներու օգնութեամբ, եւ մնացած ժամերն ալ պիտանի ընթերցումներու ունկնդրութեամբ կ՚անցնուէր, եւ զինքն մխիթարելու կամ իր խորհուրդներէ օգտուելու եկողներուն հետ կը խօսակցէր: Օրինակելի համբերութեամբ անցուց 1846-է 1853 եօթը տարիները, միշտ մահուան պատրաստուելու մտածումներով եւ զգացումներով զբաղած, եւ իր կեանքով ալ օրինակ եւ խրատող հանդիսանալով միաբանութեան մեծին եւ պզտիկին: Բայց հետզհետէ կը հիւծէր եւ շիջանելու կը մօտենար, մահուանէն օր առաջ կարծես իբր զօրացած նոր պարեգօտ եւ համեղ ուտելիք կը խնդրէ, կը հագնի եւ կը ճաշակէ, բայց առկայծեալ պատրոյգին վերջին ցոլացումն էր, զի հոգին աւանդեց 1853 մայիս 5-ին, աշխարհամատրան երեքշաբթի օրը, եւ միւս օր մարմինը ամփոփուեցաւ Ս. Փրկիչի բակը կամարակապ ճեմելիքին ներքեւ: Պօղոսը նկարագրեցինք իբրեւ ճարտար եւ անխոնջ գործիչ, եւ իբր ջերմեռանդ եւ առաքինի եկեղեցական, բայց նա արդիւնաւոր եղած է նաեւ իբրեւ դրական անձ: Զանազանութիւն հինգ դարուց, եւ Թանգարան խրատու գործերը տպագրուած են, իսկ ձեռագիր կը մնան Մեկնութիւն հնգամատեանին, եւ Մեկնութիւն չորս մեծ մարգարէութեանց, եւ Մեկնութիւն յայտնութեան Յովհաննու, երեքն ալ համառոտեալ հետեւողութեամբ Կուռնելիոս Ալաբիտէ լատին մեկնաբանին, Ճառեր յաղագս սիրոյն Աստուծոյ Աղէքսանդր Քալամաթայի հետեւողութեամբ, եւ Անտառ այլաբանութեանց Բենետիկտեան Հերոնիմոսի թարգմանութիւն: Պօղոսի յիշատակը փակելով անցնինք Յովհաննէս Զմիւռնացի պատրիարքին գործունէութեան:

 

2643. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔ

Յովհաննէս Մովսէսեան բնիկ Զմիւռնացի, շուրջ 1795-ին ծնած եւ այնտեղ ապրած մինչեւ 1811 ծնողքներէն գաղտնի Կ. Պոլիս կու գայ, եւ նորընտիր առաջնորդ Մեսրոպ վարդապետի ընկերանալով Ադրիանուպոլիս կ՚անցնի նոյն տարւոյ օգոստոսին: Քանի մը տարի կ՚երթայ Էջմիածին Մեսրոպի եպիսկոպոսանալուն առթիւ, բայց ընդարձակագոյն ասպարէզի փափաքով Ադրիանուպոլիսէ կը հեռանայ եւ Երուսաղէմի միաբանութեան կ՚որդեգրուի, եւ հետզհետէ յառաջանալով 1819 սեպտեմբեր 14-ին քահանայական ձեռնադրութիւն եւ աբեղայութիւն կ՚ընդունի Գաբրիէլ պատրիարքէն 1822-ին Կ. Պոլիս կը յղուի եւ Հելլէն ծովահէններու կը հանդիպի, բայց կ՚ազատի եւ գերի ինկածները կ՚ազատէ, եւ Կ. Պոլիս կը մնայ իբրեւ օգնական Յարութիւն Եդեսացի եւ Զաքարիա Կոփեցի փոխանորդներու Եգիպտոս եւ Երուսաղէմ պատգամաւորութիւններ կը կատարէ, 1830-ին փոխանորդ կ՚անուանուի եւ 1838-ին եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի, այլ պաշտօնին մէջ աղիկամի եւ ըստ հաճոյս գործելուն պատճառով փոխանորդութիւնը Գէորգ Պօթուշանցիին կը փոխանցուի, եւ ինքն ցաւելով կ՚առանձնանայ Օրթաքէօյ եւ միաբանութեան հետ կը գժտի, միշտ ապաւինելով ամիրաներու եւ յատկապէս Փափազեան Ճանիկ ամիրայի վրայ, որ եւ 1845-ին զայն միասին Երուսաղէմ կը բերէ եւ Զաքարիա պատրիարքին հետ կը հաշտեցնէ, բայց փոխանորդութիւնը կրկին չի տրուիր, եւ Կ. Պօլիս կը դառնայ, եւ Զաքարիայի մահուանէ ետքը միաբանութիւնը կ՚ընդդիմանայ անոր ընտրութեան: Վերջապէս Կիրակոս պատրիարք կը յաջողի երկու կողմերը շահելով Յովհաննէսը նորէն փոխանորդութեան կոչել, եւ այդ պաշտօնին մէջ էր երբ Կիրակոսի յաջորդ ընտրուեցաւ, եւ 1850 նոյեմբեր 11-ին պաշտօնապէս պատրիարքական աթոռ բազմեցաւ: Այդ ամէն անցուդարձերը իրենց կարգին ընդարձակօրէն պատմուեցան, բայց անօգուտ չէր համառօտակի վերյուշել: Յովհաննէսի անձնաւորութիւնը մեծամեծ գովեստներու հետ կծու մեղադրանքներու առարկայ եղած է, եւ երբ իբր շինարար եւ քաղաքագէտ կը գովուի, իբր ուսումնատեաց եւ նախանձոտ եւ անձնահաւան կը գորովուի: Իր առաւելութեանց մէջ ամենէն ցայտուն կէտը շինարարութիւնն է, որուն արդիւնքները ցարդ կը մնան եւ Երուսաղէմի աթոռին պարծանքի նիւթ կը մատակարարեն: Ինքն էր որ Սարգիս Իջմէցի ճարտարապետին յանձնարարած էր նոր վարժարանի եւ տպարանի շինութիւնները, անոնց արտօնութիւնը ստանալուն վրայ, իսկ պատրիարք ընտրուելէն ետն ալ նոր պատրիարքարանի շինութեան հրամանագիրը հանել տուած էր: Երբոր Երուսաղէմ հասաւ Մայրիթաղի շինութիւնը բաւական յառաջացած գտաւ, որ եւ 1853-ին լրացաւ: Այդ թաղը իբր ուխտաւորներու օթարան հիմնուած էր, եւ այնպէս ալ գործածուեցաւ ժամանակ մը, բայց վարժարանին նոր կազմակերպութեան ատեն իբր ննջարան եւ տեսչարան գործածուելու սկսաւ եւ հետզհետէ կատարելապէս վարժարանի վերածուեցաւ:

2644. ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ

Յովհաննէսի ուղղակի ձեռնարկներուն առաջինը պատրիարքարանի շինութիւնն եղաւ, որ հիմնարկուեցաւ 1851 մայիս 1-ին, Հոգեգալստեան ուրբաթ օրը, եւ երկու տարիէ լրացաւ միշտ Սարգիս ճարտարապետին ձեռամբ եւ ընդարձակ յատակագիծով եւ հոյակապ շինուածով, այնպէս որ այսօր ալ Հայոց պատրիարքարանը ուրիշ պաշտօնատուներէն գերազանց կը նկատուի, եւ ամէնուն հիացման արժանի շինուած մը վկայուած է: Նոր պատրիարքարանը զետեղուեցաւ Պօղոսի ժամանակ շինուած եւ Ս. Մինասի կոչուած պաշտօնական թաղին ծայրէն դէպի արեւմուտ դառնալով, եւ հասարակաց փողոցին վրայէն հաստակառոյց կամարով մը անցնելով եւ դէպի պարտեզներ երկարելով: Այդ գիրքը նոր դժուարութեանց ծագում տուաւ, զի մերձակայ Նէպիտավութ կամ Դաւթեան թաղի մոլեռանդ իսլամները իրենց նախատինք նկատելով այդ կամարին ներքեւէն անցնիլ հազարումէկ արգելքներ յարուցին, որոնց առջեւ Յովհաննէս մեծ հնարիմացութեան եւ զօրաւոր ազդեցութեան, եւ մեծագոյն զոհողութեանց միջոցներով մաքառեցաւ եւ վերջապէս նպատակին հասաւ: Ուր եթէ պատրիարքարանի դիրքը արտաքին թաղին ուղղութեամբ դէպի հարաւ երկարած ըլլար, դժուարութեանց ենթարկուած չէր ըլլար, եւ փողոցի երկայնքին փառաւոր ճակատ մը աւելցուցած կ՚ըլլար, բայց կ՚երեւի թէ ծագելիք դժուարութեանց մտադրութիւն չէ դարձուցած, եւ նոյն փողոցին վրայ հինէն կամար մը գտնուելէն քաջալերուած է, արդէն Երուսաղէմի մէջ յաճախ կը տեսնուին այսպիսի կամարներ, եւ Յովհաննէս անգամ մը ձեռնարկելէն ետքը ետ դառնալ չէ ուզած, ինչ որ իրեն բնաւորութեան ընդհանուր նկարագիրն էր: Պատրիարքարանը 160 քառակուսի մեթր տարածութեամբ կեդրոնական դահլիճ մըն է, բարձրակամար եւ գմբեթայարկ, ուր կը մտցուի պատշաճ նախադուռով, երկու կողմեր ամառնային եւ ձմեռնային կրկին յարկաբաժիններ կան պատրիարքին փոխ առ փոխ բնակութեան սահմանուած, ընդարձակ եւ լուսաւոր սենեակներով, կենցաղական եւ տնական պէտք եղած ամէն յարակից մասերով: Մայրի թաղէն եւ մանաւանդ պատրիարքարանի վրայ եղած լիաբուռն ծախքերը, եւ արտասովոր զոհողութեանց համար պէտք եղած գումարները սպառեցին թէ աթոռին եւ թէ պատրիարքին տրամադրելի միջոցները. միւս կողմէն վերահաս պատերազմին պատճառով ուխտաւորներուն դադրիլը եւ հասոյթներուն նուազիլը ստիպեցին Յովհաննէսը ձեռք դնել եկեղեցւոյ գանձատան մէջ գտնուած պահեստի դրամին վրայ, որ կը մնար փակակալ Պօթուշանցի Գէորգ եպիսկոպոսի ձեռաց ներքեւ: Փակակալն ու երիցագոյն միաբանները կը դժկամակէին այս առաջարկին առջեւ, մինչեւ Յովհաննէսի պէտք եղաւ խստութեանց եւ սպառնալեաց դիմել եւ պէտք եղած գումարը գանձատունէն հանել տալ (ՍԱՒ. 1334), եւ եղած ծախքերը փակել, բայց շինութեանց ալ պահ մը դադար տալ, մինչեւ որ պարագաները փոխուէին:

2645. ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ

Պատերազմի դադարելուն եւ խաղաղութեան վերահաստատուելուն վրայ ուխտաւորաց խուռն բազմութիւն մը դիմեց 1857-ին, որ մինչեւ 5. 000 անձ կը հաշուուի եւ լաւ արդիւնաւորութիւն ունեցաւ, որով Յովհաննէս ոչ միայն գանձատունէն հանած գումարը տեղը դարձուց, այլեւ նոյն տարւոյ ապրիլ 17-ին Նոր Կիրակիի չորեքշաբթի օրը համարձակեցաւ նոր վարժարանին հիմնարկէքը կատարել, որուն ճեմարան անունը տուաւ (ՍԱՒ. 1334): Վարժարան ըլլալու սահմանուած շէնքը հաստատուն եւ հոյակապ եւ գմբեթայարկ քառակուսի մըն է, հաստ պատերով միասին 240 քառակուսի մէթր տարածութեամբ գետնէն 12 ոտք բարձր, որուն չորս անկիւնները 25 մէթր տարածութեամբ չորս սենեակներ բաժնւած են, եւ մնացածը խաչաձեւ դահլիճ մը կը կազմէ: Որչափ ալ Նորաշէն ճեմարանը երեւոյթին եւ ճարտարապետութեան տեսակէտէն աչքառու շինուած ըլլայ, իր բուն նպատակին շատ յարմար չէ եղած, զի վարժարանի մը պէտք եղող մասերէն շատ բան կը պակսի, մինչեւ իսկ ննջարան եւ ճեմիչ, եւ զառիվայր գետնին կիսուն մէջ յարմարցուած գետնայարկը չի բաւեր այդ պակասները լրացնելու, զի նոյնիսկ խաչաձեւ սրահը, թէպէտ ընդարձակ եւ լուսաւոր, բայց համախումբ սերտարանի յարմարութիւն չունի արդէն համախումբ սերտարանի դրութիւնն ալ իր հրապոյրը կորուսած է, եւ սերտարանը դասարանին հետ նոյնացնելը օգտակարագոյն եղած է: Այժմեան ճեմարանը փառաւոր հանդիսարանի եւ գեղեցիկ թանգարանի յատկութիւններն ունի, քան թէ յարմարագոյն վարժարանի: Այս է պատճառը որ երբ կանոնաւոր վարժարան կազմակերպելու ձեռնարկուած է, Մայրիթաղը ուխտաւորաց օթարան ըլլալէ դադրած եւ բոլորովին վարժարանական պէտքերու յատկացուած է: Յովհաննէս պատրիարք կը մեղադրուի թէ ուսումնական զարգացման հետեւող եղած չէ, եւ կարծես թէ նոյնիսկ շինուածն ալ կը մատնանշէ, վարժարանական գրութեան անգիտակ, եւ բոլորովին շինուածական առաւելութեանց նուիրուած անձ մը եղած ըլլալը: Իր ժամանակ Երուսաղէմի Ժառանգաւորացը ուսումնական կամ կրթական առաւելութիւն չցուցուց, մանաւանդ թէ նախապէս ունեցած աստիճանէն ալ յետադարձ ունեցած կ՚ըսուի, (ՍԱՒ. 1335), բայց այդ մասին ըսելիքնիս վերջին կը թողունք: Վարժարանին հետ տպարանի շինութեան արտօնագիրն ալ ստացուած էր, բայց այդ մասին ձեռնարկ իսկ չկրցաւ ընել Յովհաննէս, եւ տպարանի վերակազմութիւնը ապագային մնաց, եւ այն ալ ոչ նորէն կառուցուած յատուկ շինուածով, ինչպէս պիտի յիշենք:

2646. ԱՅԼ ԵՒՍ ՍՏԱՑՈՒԹԻՒՆՔ

Յովհաննէսի շինարար արդիւնաորութիւնը հոյակապ շէնքեր կառուցանելէ զատ, կալուածներ ալ աւելցնելու ետեւէ եղաւ, եւ իր օրէն նշանաւոր ստացութիւններ աւելցած են աթոռակալ սեփականութեանց վրայ: Այդ կարգին կը յիշուին նախ երկու մեծ տուներ Երուսաղէմի Սիոն թաղին մէջ, եւ տուն մը Ռէմլէ քաղաքին մէջ. իսկ գլխաւորն է Երուսաղէմի արեւմտեան դուռնէն դուրս Եաֆայի պողոտայի եւ Մամիլլա փողոցի մէջտեղը գտնուող ընդարձակ արտը կամ գետինը, որուն վրայ յետոյ շինուեցան աթոռին մեծ կալուածները, իսկ ինքն բաւականացած էր այն ատեն սրճարան մը շինել, որով սկսաւ այդ անշէն կողմերուն նոր քաղաքամասի վերածուիլը, որ այսօր քաղաքին վայելչագոյն եւ ընտրելագոյն թաղն է եղած: Յովհաննէսի կատարած վանքին մէջ նորոգութիւնները, եւ քաղաքին մէջն ու դուրսը գնումները շարունակեցին 1857-էն սկսելով մինչեւ իր մահը, որոնց կարգին պէտք չէ զանց ընենք յիշել Փիլիպպոսի աղբիւրին գետինը (ՍԱՒ. 1348), որ է Ս. Փիլիպպոս սարկաւագին Եթովպացի ներքինին մկրտած տեղը: Յովհաննէս կարծես տենդային իմն եռանդէ զգածուած, ինչ գումար որ ձեռքը կ՚անցնէր նորոգութեանց եւ նոր ստացութեանց վրայ կը ծախսէր, այն սեւեռեալ գաղափարով թէ առաջ նիւթականը պէտք էր ապահովել, որով ուսումնականն ու բարոյականն ալ հնար ըլլայ զարգացնել, զի առանց նիւթական միջոցներու միւս ձեռնարկները չէին կրնար յաջողիլ: Այդ նպատակով էր հարկաւ որ ապագայ անակնկալներու նախատեսութեամբ գանձատան պահեստի գումարը, արուն անգամ մը ձեռք դրած էր ոչ միայն կրկին լրացուց, այլեւ աւելցուց եւ շատցուց, եւ նշանաւոր պատրաստ գումար թողուց գանձատան մէջ (ՍԱՒ. 1332): Իրաւ է որ իր օրով միաբանութեան բարոյական վիճակը եւ ուսումնական աստիճանը նշանաւոր զարգացում չցուցուց, սակայն մենք մեղադրանաց յայտնի դատաստան պիտի չարձակենք իր վրայ, տեսնելով որ կարող վարիչի, ազդեցիկ գործիչի, ճարտար քաղաքագէտի եւ աթոռին հաւատարիմ եւ նախանձախնդիր պետի ձիրքերը յայտնապէս վկայուած են, եւ այսպիսի ձիրքերով ճոխացած անձերուն գործերը ժամանակակից պարագաներու համեմատութեան մէջ պիտի դատուին, եւ ոչ վերացական եւ բացարձակ սկզբունքներով:

2647. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ՆԿԱՐԱԳԻՐԸ

Իր կենսագիրը կը յիշէ թէ մեծ դժգոհութիւն կը տիրէր միաբաններու մէջ Յովհաննէսի նկատմամբ, եւ թէ այդ բանին պատճառներն էին, իր խստութիւնն ի կառավարութեան եւ ժլատութիւնն ի գործառնութեան (ՍԱՒ. 1332): Սակայն երկուքն ալ առաձգական մեղադրանքներ են, զի խստութիւնն ու ժլատութիւնն ալ մինչեւ աստիճան մը բարեմասնութիւններ կը նկատուին, եւ միայն իրենց անխորհուրդ չափազանցութեան մէջ կրնան մեղադրուիլ, եւ չափազանցութիւնն ալ պարագաներով եւ նկատումներով պիտի գնահատուի, զի խստութիւնը շատ անգամ ճշդութիւն է, եւ ժլատութիւնը խնայողութիւն է: Միւս կողմէ կենսագիրին դատաստանը զերծ չենք նկատեր անձնական շփումներէ եւ շահերէ, զի նա ինքն է հայկաբանութեան դասատուն զոր Յովհաննէս հանեալ ի պաշտօնէ իւրմէ կարգեաց առանձինն քարտուղար պատրիարքարանի, եւ այդ պաշտօնին մէջ ալ զեղչելով զվարձս նորա զչափաւորն, եւ պատիպատ բանից խոստմամբ աշխատ առնելով չգոհացուց զայն, մինչեւ որ սա որոշեց թողուլ զպաշտօն իւր եւ ի բաց հեռանալ (ՍԱՒ. 1332): Յայտնի կ՚երեւի ուրեմն մեղադրանքներուն մէջ անձնական տեսակէտներ խառնուած ըլլալը, մանաւանդ երբ կը տեսնենք որ միւս կենսագիրը Յովհաննէսը կը ցուցնէ իբր վշտացեալ ի դաւանաց եւ կը ցուցնէ իբր վշտացեալ ի դաւանաց եւ ի եւ չի վարանիր յարգանօք աւելցնել, որոյ յիշատակն եղիցի օրհնութեամբ: Գիտենք եւս թէ բուռն գործունեայ անձերու սովորական է մանր գոհացումներու չհետեւիլ, ընդդիմախօսութեանց առջեւ չընկճիլ, եւ դիտուած նպատակին հասնելու համար ամէն պարագաներէ օգտուիլ, եւ իշխանութեան ձեռներէցութիւնը մինչեւ ծայրը մղել, եւ այս բուռն հոգին բնական է մեծ գաղափարներով տոգորուած եւ մեծ արդիւնաւորութեան հետամուտ անձերու վրայ, ինչպէս էր Յովհաննէսն ալ: Պէտք չէ մոռնալ եւս թէ կանուխէն հակառակութիւններ տեղի ունեցած էին իր եւ միաբաններուն միջեւ, եւ թէ նա Կիրակոսի ընտրութեան առթին եւ անկէ ալ առաջ իրեն դէմ ցուցուած ընդդիմութիւնները, եւ իր սաղիմական գործերէ քաշուելու ստիպուիլը չէր կրնար չյիշել, եւ այժմ որ իշխանութիւնը ձեռք անցուցած էր գուցէ ոչ միշտ կրցաւ անփորձ մնալ, եւ զինքն մեծանձն եւ վեհոգի բարձրութեան վրայ պահել: Այլ այսչափով ալ օրինաւոր չենք կարծեր նորա յիշատակը անձնական պատահարներու փաստերով դատափետել:

2648. ՄԻԱԲԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԷՊ

Մասնաւոր պատահարներէն ալ ինչ ինչ յիշատակել ուզելով նախ եւ առաջ կը հանդիպինք Կարնեցի Դաւիթ եպիսկոպոսի անունին, որ փոխանորդն էր եղած Կիրակոսի, եւ տեղապահ` անոր մահուանէ ետքը 2630): Սա նոյն այն Դաւիթն էր որ գլուխ կանգնեցաւ Կիրակոսի ընտրութիւնը յաջողցնելու եւ Յովհաննէսի ընտրութիւնը արգիլելու 2611), եւ Յովհաննէս չէր մոռացած հարկաւ անոր վարած դերը, ուստի սկսաւ զայն անգործութեան մատնել, փոխանորդութիւնը պիտակ անունի վերածեց, եւ եթէ Դաւիթ գործի մը ձեռնամուխ ըլլար, մինչեւ իսկ սաստիկ յանդիմանէր առ ի խորտակել զզօրութիւն նորա եւ զխորհուրդն ջրել: Փոխանորդութեան անունէն զրկելու չհասաւ, բայց գործունեայ դեր ունենալ չներեց, արդէն իսկ Յովհաննէս ամէն բան իւրովի գործելու միտեալ, եւ ազատ աղիկամի կառավարութեան հետամուտ ըլլալով, փոխանորդութիւնն իսկ աւելորդ կը դատէր: Հակառակ Կիրակոսի ընթացքին, որ անձնական նախաձեռնութիւններէ կը զգուշանար, Յովհաննէս ամէն բան անձնական ձեռնհասութեան կը վերածէր, ուստի պէտք կը զգար հեռացնել եւ ցրուել այն անձերը, որոնք Կիրակոսի ատեն ասպարէզնին ընդարձակած եւ գործերու տիրացած էին: Այսպէս էր Գաբրիէլ Եթովպացի վարդապետը, բնիկ խափշիկ հայածէս դարձած եւ Կիրակոսի իբր որդեգիր սեպուած եւ անպայման համարձակութիւն ստացած, որ Եթովպիա նուիրակ յղուեցաւ (ՍԱՒ. 1327): Նոյնպէս Յովսէփ Այնթապցի սարկաւագը, զոր յիշեցինք երբ Գաղատացի Իսահակի թողօնը բերելու յղուեցաւ: Սա ալ Վերիտոն յղուեցաւ, ուր վանատունը գնեց, եւ իր հայրենիքը երթալով հոն ալ կալուած մը յիշատակ թողուց, եւ սարկաւագութեան մէջ վախճանեցաւ: Աշխարհական անձ մըն ալ կար այդ կարգին, Յովհաննէս անուն Ճապի մականուանեալ, որ է կալուածական գործակատար, որ իր կեանքը անցուցած էր կալուածոց մատակարարութեամբ, եւ քմահաճ կարգադրութեանց ալ կը համարձակէր: Նա ալ հեռացուեցաւ եւ Կ. Պոլիս յղուեցաւ փոխանորդարանին մէջ մնալու համար:

2649. ՄԿՐՏԻՉ ՔԷՖՍԻԶԵԱՆ

Յովհաննէս չխնայեց նաեւ այն անձերու, զորս առաջ մօտէն էր բռնած, բայց չներեց որ անոնք իր թոյլ տուածէն աւելի ձեռներէցութիւն ունենան: Մկրտիչ վարդապետ Քէֆսիզեան Գերմանիկցի, գործունեայ բայց եւ ոչ հաւասարապէս ուղղամիտ մը, թարգմանութեան պաշտօնի կոչուեցաւ, այլեւ պատրիարքի ձեռքը յարմար գործիք դարձաւ վերեւ յիշուած Դաւիթի փոխանորդական պաշտօնը ստորնացնելու: Սակայն Յովհաննէս զգաց թէ Քէֆսիզեան զպաշտօն իւր ի փառաւորութիւն անձին իւրոյ վարէ, եւ այս բաւական եղաւ որ թարգմանութեան կոչուէր Յակոբոս վարդապետ Չիլինկիրեան, ուրիշ ձեռներէց միաբան մը, իսկ Մկրտիչ 1853-ին Դամասկոս կը ղրկուէր տեսչութեան պաշտօնով աթոռէն հեռացուելու համար: Ասոր վրայ Մկրտիչ` պատրիարքին հետ նախկին մտերմութիւնը վրէժխնդրութեան փոխարկեց, ոչ միայն սկսաւ պատրիարքական հրամանները անարգել եւ պատուէրներուն անսաստել, այլեւ իւրովի քաղաքին Ս. Սարգիս եկեղեցին նորոգեց եւ յանուն Ս. Գլխադիրի փոխարկեց, եւ աթոռին հակառակ նոր ուխտատեղի կազմելու համարձակութիւնն ունեցաաւ, անոր հասոյթը խորելու եւ իրեն շահու աղբիւր ստեղծելու համար: Յովհաննէս գայթակղութեան տեղի չտալու համար, զի Դամասկոսի Հայեր ուժգնապէս կը պաշտպանէին զայն, մինչեւ իսկ զիջաւ անոր Դամասկոս մնալուն իբր խոստովանահայր, երբ Յովհաննէս վարդապետ Սահաթճեան յղուեցաւ իբրեւ նոր տեսուչ: Մկրտիչ այսչափով ալ չշահուեցաւ, մանաւանդ թէ ձեռնարկեց Դամասկոսը Երուսաղէմի իրաւասութենէն զատելու աշխատիլ, ինչ պէս իր հայրենակից Գաբրիէլը յաջողած էր զատել Եգիպտոսը, բայց երբ նպատակին չհասաւ Գաղղիոյ հիւպատոսարան ապաւինեցաւ, եւ ուզեց զամենայն իսկ զժողովուրդն թափել ի գոգ Վատիկանու: Այդ կէտին այլեւս խոհական զգուշաւորութեան չափը լրացաւ, Չիլինկիրեան թարգման Դամասկոս յղուեցաւ, եւ Դամասկոսի կուսակալին գրուեցաւ որեւէ կերպով Մկրտիչը Երուսաղէմ դարձնել, եւ իրօք ձերբակալուեցաւ նա ի փողոցամէջս քաղաքին, եւ ձիու վրայ ոտնակապով եւ Վերիտոն եւ անկէ Երուսաղէմ, ուր Յովհաննէս պահեց զայն ամիս ինչ առ իւր ի վանս ընդ պահպանութեամբ, եւ անկէ ետքը հեռացուց եւ Կ. Պոլիս յղեց, ուր սակայն Քէֆսիզեան միաբանութենէն դուրս իրեն ընդարձակ ասպարէզ գտաւ, եւ հետզհետէ բարձրացաւ, ինչպէս իր կարգին պիտի տեսնենք:

2650. ՅԱԿՈԲՈՍ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ

Յակոբոս Չիլինկիրեան որ Քէֆսիզեանը զսպելու գործակատարն էր եղած, փոխանակ օրինակէն խրատուելու, անկէ վարակուելու ձեւն առաւ: Բնիկ Կէլիպոլուցի, պզտիկ տարիքէն Երուսաղէմի վանքը ընդունուած աշխոյժ եւ մտացի եւ ուշիմ տղու ձիրքերով համակրելի դարձաւ միաբաններու եւ պատրիարքներու, որոնք ձեռնտու եղան անոր յառաջացման, մինչեւ այն կէտը որ Յովհաննէս զայն թարգմանութեան պաշտօնին կը կոչէր Քէֆսիզեանի տեղ, եւ ետքէն անոր ձեռքով Քէֆսիզեանի ըմբոստութիւնը կը զսպէր 2649): Այդ կէտէն սկսաւ մթագնիլ Չիլինկիրեանի յաջողութեան աստղը: Առաջին նշանը տուաւ երբոր Դամասկոսէ դառնալուն տարապայման եւ տարադէպ ծախքերու պահանջ մը ներկայեց, զոր Յովհաննէս մերժելով մերժեց, եւ երբ Չիլինկիրեան իր ընթացքը խստացուց, պաշտօնէն ալ հեռացուց, բայց ասով ալ չհանդարտեցաւ եւ վրիժառութեան ոգւով լցուած, անզգամեցաւ յառաջ վարել բռնութեամբ զդատ իւր, եւ այդ պայքարին մէջ միջոցները խտրելու խոհականութիւնն ալ կորսնցնելով խարդախեաց զկնիք տէրութեան Բրուսիոյ, եւ Յոպպէ քաշուելով համարձակեցաւ յայտնապէս Յովհաննէս պատրիարքի դէմ մաքառիլ, եւ ամբաստան եղեւ զնմանէ, քանի որ Կ. Պոլսոյ մէջ դժուար չէր համախոհներ գտնել եւ եկեղեցական իշխանութիւնները նուաստացնելու օգնականներ ճարել: Մինչեւ իսկ Երուսաղէմի պատրիարքութեան վարչութիւնը փոխելու ձեւեր առաջարկելու ելաւ, եւ իր խելքով կանոնագիր ալ ծրագրեց եւ հրատարակութեան տուաւ, սակայն իր ճիգերը արդիւնք չունեցան: Յովհաննէսի մահուանէ ետքը միաբանութիւնը իսպառ մերժեց զնա յուխտէն, եւ իրմէ հեռացուց, եւ նա Կ. Պոլիս անցաւ եւ միաբանութեան դէմ գործեց, ինչպէս պիտի պատմենք (ՍԱՒ. 1346):

2651. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎԵՀԱՊԵՏԵԱՆ

Յովհավնէսի ձեռքով կամ թէ պատճառով Երուսաղէմի վանքէն հեռացող միաբաններու մէջ ունինք ուրիշ մըն ալ, բայց բոլորովին տարբեր առիթով, եւ ոչ վերոյիշեալներուն կերպով, ինչպէս պատմագիրը կը կարծէ (ՍԱՒ. 1327), թերեւս իրարու հետ շփոթելով Յովսէփ Այնթապցի 2648) եւ Յովսէփ Եգիպտացի սարկաւագները: Վերջինս որդի էր Գահիրէի Մար-Մինա կամ Ս. Մինաս Գերեզմանատան Կիզէ գիւղացի այլազգի պահապանին, ուշիմ եւ համարկրելի տղեկ մը, զոր Կիրակոս եպիսկոպոս սիրած եւ որդեգրած է Եգիպտոս եղած ատեն: Նորա ծնունդը մեր հետազօտած հաւանակագոյն տեղեկութեանց համեմատ պիտի դրուի 1819-ին, աւելի քան 1817-ին կամ 1823-ին, ինչպէս ուրիշներ կը նշանակեն: Արդէն Կիրակոս ալ 1825-ին Եգիպտոսի տեսչութեան ղրկուած է 2449): Կիրակոս ըստ կարի կը կրթէ եւ կ՚ուսուցանէ եւ 1834-ին միասին Երուսաղէմ կը բերէ տղայն, որ վերածննդեամբ Աբրահամ կը կոչուի, եւ Վրթանէս ու Արիստակէս վարդապետներու հոգածութեամբ տակաւ կը զարգանայ, եւ տպարանի մէջ կ՚աշխատի իբր գրաշար (ՆՇՆ. 72): Զարգացման փափաք թէ Երուսաղէմէն հեռացնելու դիտում, կը յորդորեն Կիրակոսը Կ. Պոլիս կոչել իր որդեգիրը, ուր ինքն կը գտնուէր 1836-էն ի վեր 2539), եւ ըստ այսմ 1839 Զատիկէն ետքը, որ հանդիպած էր մարտ 26-ին, ճամբայ կ՚ելլայ Աբրահամ վերադարձող ուխտաւորներուն հետ եւ ընկերակցութեամբ Մարսուանցի Սահաթճեան Յարութիւն քաղցրաձայն դպրին, որ նոյնպէս Կիրակոսի պաշտպանեալն էր: Ծանրաքայլ ընթացքով եւ Տարտանէլի մէջ մետասան օր քարանթինայ պահեալ, մայիս 20-ին կը հասնին Կ. Պոլիս (ՎՐԹ 61) հինգ ամիս առաջ բացուած Իւսկիւտարի ճեմարանին աշակերտելու համար, որուն վերին հսկողն էր Կիրակոս: Խոհեմական զգուշաւորութեամբ թէ ուրիշ պատճառով Աբրահամ անունով Երուսաղէմէ մեկնող 20 տարեկան երիտասարդը Յովսէփ Կիրակոսեան Բերացի անունով կը մտանէ Կ. Պոլիս: Ճեմարանին աշակերտելու միտքը չի յաջողիր, զի ի տասն եւ եօթն ամէ ի վեր տիօք մարդ ոչ առնուն, ուստի Յարութիւն յունիս 6-ին ճանապարհորդեցաւ կրակի նաւով Զմիւռին Մեսրոպեան վարժարանը մտնելու Տէր Յովհան Վանանդեցի Մեծ վարժապետին ձեռաց ներքեւ, իսկ Յովսէփ մնաց ճեմարանին մէջ իբր Կիրակոս եպիսկոպոսի սպասաւոր: Բայց չերկարեցաւ սոյն վիճակը, զի Յովսէփ ալ յղուեցաւ Զմիւռնիա, ուր կը գտնենք զայն 1840 փետրուար 20-ին (ՎՐԹ. 32), բայց կ՚երեւի թէ Մեսրոպեան վարժարանի ակնկալեալ աշակերտութիւնն ալ դժուարութեան հանդիպած է, զի 1841 յունիս 7-ին ինքն կը գրէ թէ Նուպարեան Յովհաննէս աղային քովը ծառայութեան եղեր է, եւ թէ հիմայ պօշն եմ: Ուստի ընդ հովանեաւ գերյարգոյ Պալասանեան Ստեփան Զմիւռնացւոյ աղայի կը յղուի Կ. Պոլիս ի ճեմարան ամերիկացւոց, որ է Պէպէք գիւղը բողոքականաց բացած նոր վարժարանը 2542) առ յուսանիլ զանգղիերէն լեզուս եւ զայլ պիտանի գիտութիւնս (ՎՐԹ. 49), եւ ուր մտած է 1841 սեպտեմբերին դպրոցական տարւոյն սկիզբը իբր գիշերօթիկ աշակերտ: Այնտեղ կանոնաւոր ընթացք մը կը կատարէ, զի 1842 ապրիլ 1-ին կը գրէ, թէ մինչեւ յառաջիկայ տարի կատարելով ընթացքը, ապա հրաժարիմք ի ճեմարանէ (ՎՐԹ. 53), եւ ըստ այսմ 1843 օգոստոսին շրջանը աւարտելով Պէպէքի վարժարանէն ելած կըլլայ: Բերանացի կը պատմուի թէ անգղիացի ուղեւորի մը հետ իբր թարգման գացած է Թուրքիոյ եւրոպակողման գաւառները եւ հաւանաբար նոյն անգղիացին է որուն հետ եկած է ի Պէյրութ, անկէ Մուսուլ երթալու համար, բայց դիպուածով իւիք այդ ուղեւորութիւնը կ՚արգիլուի, եւ 1844 փետրուար 5-ին կը մեկնի դառնալ ի Կ. Պոլիս ի ճեմարանի, որ ի Պէպէք (ՎՐԹ. 80): Այստեղ կը յղանայ Ամերիկա երթալու եւ բժշկութիւն սովորելու միտքը (ՎՐԹ. 104), եւ այս նպատակով նպաստ կամ փոխ կը խնդրէ, եւ որեւէ օգնութիւն մը ստանալով 1845 յուլիսին կը նաւէ Զմիւռնիա եւ անկէ Ամերիկա, ուր հազիւ եօթն ամիս կը մնայ, յուսախաբ ըլլալով իր ակնկալութեան մէջ, զի երկիրը կը տեսնէ վայր անհաւատութեան, մոլորութեան եւ բազմաղանդութեան եւ կլիմայն վատառողջ, եւ մինչեւ իսկ կը վախնայ որ ցանկային տալ իրեն զարփիափայլ հաւատս լուսաւորչական ուրանել: Ուստի շուտով ետ կը դառնայ, եւ Կ. Պոլիս կը հասնի 1846 փետրուարին, ուր անմիջապէս անգղիերէնի եւ թուաբանութեան դասատու կը նշանակուի Գումքաբուի մայր վարժարանը Մատթէոս պատրիարքի հրամանով (ՎՐԹ. 111): Նոյն 1846 տարւոյ դեկտեմբեր 20-ին կը հաստատուի Կիրակոսի պատրիարքական ընտրութիւնը (ՎՐԹ. 120):

2652. ԴԱՐՁԵԱԼ ՎԵՀԱՊԵՏԱԿԱՆ

Կիրակոսի պատրիարքութիւնը մեծ նշանակութիւն ունէր իր հոգեւոր որդեգիրին համար, ուստի կը մտադրէ հաստատութեան հրովարտակը տանող Յովհաննէս կոլոտ վարդապետի հետ Երուսաղէմ երթալ (ՎՐԹ. 120), եւ իրօք ներկայ կը գտնուի Կիրակոսի գահակալութեան 1847 փետրուար 14-ին 2611): Բայց Երուսաղէմ չի մնար, այլ Զատիկէն անմիջապէս ետքը, որ հանդիպած էր մարտ 23-ին, կը մեկնի Յոպպէ, ուսկից մարտ 27-ին կը նաւէ Պէյրութ, բայց նաւը կը վնասուի (ՎՐԹ. 135), եւ ետ կը դառնալ, եւ կը հասնի Պէյրութ ապրիլ 3-ին եւ 25-ին անտի մեկնելով (ՎՐԹ. 147) ամիսէ մը կը հասնի Կ. Պոլիս (ՎՐԹ. 148): Ինչչափ ատեն եւս Կ. Պոլիս կը մնայ որոշ չունինք, միայն թէ գիտենք որ, Կիրակոս պատրիարք զայն իր մօտ կը կոչէ իբր անձնական գրագիր, եւ արտաքին զբազմանց փափաքն ալ անոր միտքէն հեռացնելով հոգեւորական կեանքի կը կոչէ, մինչեւ որ 1849 մեծապահոց մէջ սարկաւագ ալ ձեռնադրել կու տայ Կարնեցի Դաւիթ եպիսկոպոսին ձեռքով ի միաբանութիւն ուխտի Սրբոց Յակոբեանց, այլ չեւ աբեղայական աստիճանին բարձրացած Կիրակոս կը վախճանի 1850 մայիս 25-ին 2630): Յովհաննէսի ընտրութենէն ետքը Յովսէփ սարկաւագն ալ հրաւիրակ կ՚երթայ Կ. Պոլիս, եւ նորընտիր պատրիարքին հետ Երուսաղէմ կը դառնայ նոյեմբեր 7-ին 2361): Բայց երբ կարգը կու գայ Կիրակոսի փափաքը լրացնելու, Յովհաննէս կը խիթայ մի' գուցէ անտեղի զրոյցնելու տեղի տրուի, ուստի ձեռնադրութիւնը կ՚ուշացնէ մինչեւ 1851, եւ վերջապէս լաւագոյն կը սեպէ գործը Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան յանձնել, եւ օգոստոս 30-ին ճամբայ կը հանէ յատուկ յանձնարարականով, եւ Յակոբոս պատրիարք ալ գործադրութիւնը կը յանձնէ Արմաշու վանահայր եւ նախկին պատրիարք Ստեփանոս Աղաւնի արքեպիսկոպոսի: Ձեռնադրութիւնը կը կատարուի Չարխափան Ս. Աստուածածնի տաճարին մէջ, նոյն 1851 տարւոյ դեկտեմբրի 9-ին կիրակի օր, Յղութեան տօնին, ընծայացուին 32 տարեկան եղած ատենը, որ այս առթիւ կը կոչուի Յարութիւն, եւ մականունն ալ փոխելով Վեհապետեան սկսաւ գործածել ի պատիւ իր հայրագիրին Կիրակոսի, զի անսովոր չէր պատրիարքներն ալ վեհապետ կոչել (ՎՐԹ. 142): Նորընծայ աբեղայն իբր վեց ամիս Արմաշ մնաց եւ վարդապետական աստիճանն ալ ստանալով Աղաւնի եպիսկոպոսէ Կ. Պոլիս դարձաւ 1852 մայիս 25-ին եւ Յակոբոս պատրիարքի մօտ մնաց իբր գաւազանակիր եւ մայրեկեղեցւոյ ժամօրհնող: Յակոբոս տեսնելով անոր ճարտար եւ յաջողակ գործունէութիւնը, ծայրագոյն գաւազանի տուուչութեամբ պատրիարքական փոխանորդութեան բարձրացուց 1853-ին, պաշտօն մը զոր վարեց նա մինչեւ 1857, մինչեւ որ ապրիլ 20-ին Խարբերդի առաջնորդութեան կոչուեցաւ Խուլէի, Սորսորի, Զարդարիչի, եւ Դատեմի չորս վանքերուն թեմերը միացեալ վիճակի վերածելով: Բաւական օգտակար եղաւ այդ պաշտօնավարութիւնը, բայց երկար չեղաւ, զի Յակոբոս պատրիարքին կոմղէ դարձեալ Կ. Պոլիս կոչուեցաւ վստահելի աջակից մը ունենալու նպատակով, բայց Յակոբոսի հրաժարականը վրայ գալով, անոր յաջորդ Գէորգ պատրիարքէ դարձեալ փոխանորդ անուանուեցաւ 1858-ին վերջերը, բայց քանի մը ամիս յետոյ Զօրաբաբէլեան Գրիգոր եպիսկոպոսի մահուանէ ետքը Կարնոյ առաջնորդ ընտրուեցաւ 1859 ապրիլ 24-ին: Վեհապետեանի գործունէութեան շարունակութիւնը առաջիկային պիտի պատմենք. միայն դիտել կու տանք առ այժմ թէ որչափ ալ Երուսաղէմի հետ կապուած, բայց իր կենաց առաջին մասը Երուսաղէմէ դուրս գործառնութեանց նուիրուեցաւ:

2653. ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐԸ

Յովհաննէս պատրիարքի գործունէութեան դառնալով` կը գտնենք զայն նոյնչափ արի եւ փութաջան իրաւունքներու պաշտպանութեան մէջ, որ ամէն ատեն Երուսաղէմի պատրիարքներուն փորձաքարն եւ ասպարէզն է եղած: Ղփտի եւ Հապէշ հասարակութեանց մէջ խնդիր էր յուզուած Տէր էլ-սուլթան եկեղեցւոյն մասին, եւ անգղիական եպիսկոպոսը իբրեւ իրաւաբար միջամտելով բանալիին տիրացած իրեն քով կը պահէր, մինչ երկու հասարկութիւններն ալ Հայոց հետեւակներ էին, եւ իրաւարարութիւնն ու աւանդապահութիւնը Հայոց պատրիարքին իրաւունքն էր: Յովհաննէսի հասնելէն յառաջ եւ ետքն ալ եղած պահանջումներուն մերժողական եղած էր Գոտա անգղիական եպիսկոպոսին պատասխանը, այլ Յովհաննէս անգղիական դեսպան Քաննինկի դիմելով իր պահանջումին գործադրութիւնը յաջողցուց: Բեթղեհէմի մէջ Յոյներ 1851 հոկտեմբերին ձեռնարկած էին գլխաւոր հրապարակին վրայ եղող գերեզմաննոցին որմափակել, յարակից Հայոց գերեզմանատան վնասելով: Յովհաննէս ձեռնարկնին արգիլեց կառավարչական հրամանով: Ս. Ծննդեան եկեղեցւոյն սիւնազարդ մասին մէջ կատարուող Հայոց Ճրագալոյցի թափօրին անգամ մըն ալ արգելքներ յարուցին Յոյները 1858-ին, Յովհաննէս պետական զօրութեամբ դիմադրեց, եւ Հայոց իրաւունքը գործադրել տւաւ: Միւս տարին ալ 1859 աւագ ուրբաթին մեծ կռիւ մը տեղի կ՚ունենայ Հայերու եւ Յոյներու մէջ, Յովհաննէս վրայ կը հասնի, կառավարիչը կը ստիպէ, ոստիկանական միջամտութիւն կը հրաւիրէ, եւ Ս. Յարութեան մէջ վախցուած չարաղէտ հետեւանքներու առջեւը կ՚առնէ (ՍԱՒ. 1336): Ասկէ առաջ ալ Ս. Գերեզմանի դրան վրայի պատկերներու կարգը խանգարելու ձեռնարկած էին Յոյները, Յովհաննէս դարձեալ անձամբ տեղւոյն վրայ եկած, եւ ամենայն ինչ ըստ առաջնոյն կարգադրել ստիպած էր (ՍԱՒ. 1337): Աւստրիոյ կայսեր եղբայր Մաքսիմիլիանոս արհիդուքսը, այն որ յետոյ Մեքսիկոյ կայսր անուանուեցաւ, 1853-ին ուխտի եկաւ Երուսաղէմ, եւ թէպէտ Լատին պատրիարքը շրջապատեց զայն, սակայն Յովհաննէս Հայոց դիրքն ալ գիտցաւ պաշտպանել, պատուց եւ պատուուեցաւ փոխադարձ այցելութեամբ, ծանրագին մատանի մըն ալ յիշատակ ընդունեցաւ: Աւելի նշանաւոր եղաւ Ռուսաց կայսրեղբայր Կոստանդին մեծ դուքսին գալուստը, որ ամուսնով եւ զաւակով եւ հետեւորդներով 1859 ապրիլ 30-ին Երուսաղէմ այցելեց: Յոյներ յաջողեր էին առանձինն առջեւ անցնիլ անոր ընդունելութեան մէջ եւ իրենց վանքը հիւրասիրել: Բայց Յովհաննէս այս առթիւ ալ գիտցաւ պատշաճ կերպերով Հայոց դերն ալ զգացնել, եւ դուքսը ու դքսուհին պաշտօնական այցելութեան պարտաւորել, Ս. Կենաց փայտի նւէրով պատուասիրել, եւ յատուկ հացկերոյթի հրաւէրով պատուել, դառնալնէն ետքն ալ շնորհակալեաց գրութեան (ՍԱՒ1338) եւ պատուոյ նշանի (ԱՍՏ. Բ. 549) արժանանալ, զոր սակայն չկրցաւ ինքն տեսնալ մահուան կանխելովը: Մասնաւոր դիպուածներ ամփոփելով յիշեցինք, որպէսզի աւելի յստակօրէն յայտնուի Յովհաննէսի նկարագիրն ու արժանիքը, որ թէպէտ կենդանութեան ատեն ալ խծբծանքներու ենթարկուեցաւ, ուսումնական զարգացման հետապնդող չդատուեցաւ, եւ Իւսկիւտարի ճեմարանին տարեկանը զլանալուն Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանին եւ աւագանւոյն անհաճոյ երեւցաւ, բայց Յովհաննէս մինչեւ վերջ իր պատուոյ դիրքը պահեց, թէպէտեւ հակառակութիւններ զինքը վշտացուցին եւ ընկճեցին, եւ իր վախճանն ալ փութացուցին: Յովհաննէսի կեանքին վերջին մասը այստեղ պատմել ի դէպ չենք նկատեր, քանի որ մահը Աշտարակեցիին մահուանէն երեք տարիներ ետքը տեղի ունեցաւ:

2654. ԼԱՏԻՆԱՑ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐԸ

Որչափ ալ քաղաքական խնդիրներ եւ պատերազմներ մեր ծրագիրէն դուրս կը մնան, սակայն կարեւոր կէտ մը զանց ըրած կ՚ըլլայինք եթէ այդ միջոցին Ռուսիոյ դէմ բացուած մեծ պատերազմի մասին գոնէ ամփոփ տեղեկութիւն չտայինք, իբր զի սաղիմական անցուդարձերէ ծագեցաւ պատերազմին սկզբնաւորութիւնը: Մենք ալ համոզուած ենք, որ այդ տեսակ եղելութեանց բուն պատճառը` քաղաքական ձգտումներու եւ զօրաւոր պետութեանց հակընդդէմ մրցումներու բաղխումն է, բայց պատահական դիպուածներ են որ անոնց պայթելուն առիթ կ՚ընծայէն: Արեւելքի վրայ ազդեցութիւն տարածել եւ Թուրքիոյ գործերուն միջամտել, եւրոպական մեծ տէրութեանց մարմաջներուն գլխաւորն է եղած, բայց որովհետեւ տէրութեան մը միւս տէրութեան գործերուն խառնուիլը իր մերկութեան մէջ պահանջուելիք ձեւ մը չէ, եւրոպական տէրութիւնք իրենց կռուան գտած են Թուրքիոյ քրիստոնեաները իսլամական տէրութեան հանդէպ պաշտպանելու ձեւը, հոգ չէ թէ այս պաշտպանութիւնը իրականացած ըլլայ կամ ոչ: Իսկ միւս կողմէն նոյնիսկ օսմանեան կայսերութիւնն ալ մինչեւ աստիճան մը անոնց վրայ այդպիսի իրաւունք մը ճանչցած, եւ անոնց պահանջներուն ասպարէզը ընդարձակած է: Այդ անցուդարձերուն մէջ աւելի առջեւ անցնողներ եղած են Գաղղիա եւ Ռուսիա, նա' կաթոլիկներու եւ սա' որթոտոքսներու պաշտօնական պաշտպան նկատուած ըլլալով: Երուսաղէմ ալ, ուր քրիստոնէութեան զանազան ճիւղերը իրարու դէմդիմաց կը գտնուին եւ շարունակ շփման մէջ են, իր բնութեամբ իսկ յարմարագոյն գետինը եղած է այդ շփումներուն. վասնզի զի միեւնոյն կէտին վրայ տեղի ունեցած են ստացութիւններու եւ իրաւունքներու բաժանումները ու փոփոխութիւնները, որոնք պահանջներու առատապէս նիւթ կը մատակարարեն: Իրօք ալ ստացութիւններ եւ իրաւոնքներ դարէդար մեծ փոփոխութիւններ կրած են տիրապետութեանց եւ ազդեցութեանց փոփոխուելուն համեմատ: Յովսէփ Վալերկա, լատին նորահաստատ պատրիարքութեան առաջին աթոռակալը 2629), բռնութեամբ ձեռներէց, գործունէութեամբ յախուռն, ձգտուներով մեծամիտ անձ մը, իր աթոռին նոր փայլ մը տալու փափաքով, եւ խաչակիրներու ժամանակին լատինաց ունեցած ազդեցութիւնը վերանորոգել երազելով, խորհեցաւ լատինական ընդհանուր տիրապետութիւն մը կազմել, եւ Յոյնն ու Հայը իրենց ունեցած դերերէն խախտել: Քիչ ու շատ տեղական ուսումնասիրութիւններէ ետքը, գալէն տարի մը յետոյ 1849-ին Եւրոպա դարձաւ, Պիոս Թ. Հռոմայ պապին իր մտքերը հաղորդեց եւ քաջալերութիւն ստացաւ, եւ անկէ Գաղղիա անցնելով Նաբոլէոն Գ. կայսեր ձեռնտուութիւնը հայցեց, եւ փոխադարձ առաւելութեանց հետեւանքներով զայն շլացուց, եթէ նախաձեռնարկ եւ պաշտպան կանգնէր Լատինաց փոխանցելու սուրբ տեղեաց վրայ ընդհանուր եւ բարձրագոյն իրաւունքը, հիմնուելով դար կամ դարուկէս առաջ տեղի ունեցած փոփոխութեանց եւ լատինաց ձեռքէն Յոյներուն անցած ստացութեանց վրայ (ՊԷՐ. 374), միւս քրիստոնէից թողլով առանց սեփական իրաւունքի, միայն ուխտերնին եւ ջերմեռանդութիւննին կատարելու արտօնութիւնը: Նաբոլէոն նախաքննութիւն մը կատարել տուաւ Եւգինէոս Պօրէ արեւելագէտ Գաղղիացի վարդապետին ձեռքով, որ Երուսաղէմ եկաւ, բայց պարզապէս Վալերկայի արձագանք եղաւ, եւ Նաբոլէոն քաջալերուեցաւ, եւ 1850 մայիսին օսմանեան կառավարութենէն պահանջեց, որպէսզի բացարձակ եւ կատարեալ կերպով Լատիններու սեփականուին եւ յանձնուին Ս. Յարութեան տաճարին մէջ Ս. Գերեզմանը, Պատանատեղին, Գողգոթայն, Գերեզմանի փոքր գմբէթը, տաճարին մեծ գմբէթը, Գողգոթայի ներքեւ Ադամայ մատուռը, եւ վերնատուններու կարգին Սուրբ Կոյսին եօթը կամարները, նմանապէս Գեթսեմանիի ձորին մէջ Ս. Աստուածածնայ գերեզմանն ու տաճարը, Բեթղեհէմի մէջ Ս. Ծննդեան այրն ու տաճարը ու պարտեզները, եւ Ձիթենաց լերան վրայ Համբարձման տեղը (ՍԱՒ. 1284, ԱՍՏ. 539):

2655 ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ՄԻՋՈՑԸ

Հազիւ թէ լսուեցաւ Գաղղիոյ դեսպանին ձեռամբ օսմանեան կայսեր եղած դիմումը, իսկոյն ասպարէզ նետուեցաւ Ռուսիոյ դեսպանն ալ պահանջելով որ ստացուած իրաւունքներու փոփոխութիւն չըլլայ, եւ տիրող կացութիւնը շարունակէ անփոփոխ: Լավալէթ Գաղղիոյ եւ Դիդով Ռուսիոյ դեսպանները ամէն կերպերով եւ միջոցներով սկսան ծանրանալ օսմանեան կառավարութեան վրայ, մինչեւ իսկ յարաբերութիւններ խզելու եւ մեկնելու սպառնալիքով: Նաբոլէոն Գաղղիոյ եւ Նիկողայոս Ռուսիոյ կայսրներ ալ ուղղակի Ապտիւլմէճիտ կայսեր դիմումներ կ՚ընէին իրենց նպաստաւոր որոշումներ կորզելու, մինչ օսմանեան կառավարութիւնը իզուր կը ջանար Գաղղիան գոհացնել առանց Ռուսիան վշտացնելու: Խնդիրը զանազան հրատարակութիւններու նիւթ մատակարարեց, Պելճիոյ դեսպանը Երուսաղէմ ալ եկաւ հաշտարար լուծում մը պատրաստելու, զի Եւրոպիոյ կաթոլիկ եւ բողոքական տէրութիւններ, Աւստրիա, Սպանիա, Պելճիա եւ Իտալիա, Անգղիա եւ Բրուսիա յայտնապէս Գաղղիոյ կողմն էին Ռուսիոյ դէմ: Օսմանեան կառավարութիւնը յատուկ յանձնաժողով մը կազմեց լուծում մը պատրաստելու, որուն ուսումասիրութիւնները նախարարութեան ներկայացան 1851 նոյեմբերին, բայց մեծ եպարքոս Ռէշիտ փաշա գործէ քաշուեցաւ, եւ անոր յաջորդող Ռէուֆ փաշայի նախագահութեամբ որոշումը տրուեցաւ 1852 յունուարին, բոլոր սրբավայրերը հասարակաց լինել, այսինքն որ երեք քրիստոնեայ ճիւղերը, Լատին եւ Յոյն եւ Հայ, հաւասար իրաւամբ (ՍԱՒ. 1288) պաշտօն մատուցանեն ամէն սրբավայրերու մէջ: Այդ որոշումը երկու կողմերուն ալ գոհացուցիչ չեղաւ, բայց որովհետեւ երկուքին համար ալ մերժողական չէր, ուստի պահ մը լռեցին, եւ երկու դեսպաններ նոր հրահանգներ ընդունելու համար մեկնեցան, Ռէշիտ փաշա եպարքոսութեան դարձաւ, եւ Աֆիֆ պէյ կառավարութեան կողմէ Երուսաղէմ ղրկուեցաւ 1852 սեպտեմբերին, տեղւոյն վրայ քննութիւն կատարելու, եւ յատկապէս մեծ գմբէթին նորոգութիւնը կարգաւորելու, իրեն հետ ունենալով Էսատ էֆէնտի ճարտարապետը: Հոկտեմբեր 5-ին հինգշաբթի օր առաջին գումարում մը տեղի ունեցաւ Ս. Յարութեան տաճարին մէջ, ուր երեք ազգաց պատրիարքներուն եւ եկեղեցականներուն եւ նշանաւորներուն կարգին Հայերն ալ ներկայ էին, պետական պաշտօնէից եւ գաղղիական հիւպատոսին հետ: Կայսերական պատուիրակը յայտնեց թէ գմբէթին վիճակը պիտի քննուի եւ նորոգութեան պէտքը պիտի ստուգուի եւ ծախսը պիտի հաշուուի յարքունուստ կատարուելու համար, եւ երեք ազգերէն մի մի ներկայացուցիչ խնդրեց զննութեանց ընկերանալու: Ներկայք լռութեամբ լսեցին այդ յայտարարութիւնները: Երկրորդ գումարում մը տեղի ունեցաւ հոկտեմբեր 4-ին շաբաթ օր Գեթսեմանիի ձորը Ս. Աստուածածնայ տաճարը, Հայեր եւ Յոյներ տաճարին մէջ խմբուեցան եւ Լատիններ դուրսը: Պատուիրակը յայտարարեց թէ այսուհետեւ Լատիններ ալ պիտի կրնան Յոյներէն եւ Հայերէն ետքը Գերեզմանին վրայ պատարագել, այլ տաճարին մէջ պիտի չունենան սեփական տեղի եւ ոչ թիզ մի ձեռին, զոր լսելով լատին պատրիարքը իսկոյն մեկնեցաւ (ՍԱՒ. 1290). եւ թէպէտ արտաքոյ տաճարին տեղ մը շինելու պայմանը առաջարկուեցաւ, բայց անով ալ չգոհացաւ պահանջելով տաճարին տէր ըլլալը գոնէ միւս ազգաց համահաւասար իրաւամբ: Իսկ Յովհաննէս Հայոց եւ Կիւրեղ Յունաց պատրիարքներ հաւանութիւն յայտնեցին, զի Յոյներն ալ փոխադարձաբար Համբարձման ոտնատեղւոյ մատուռին մէջ պատարագելու իրաւունք պիտի ստանային (ՍԱՒ. 1290): Գործին լուծումը պատրիարքներուն յանձնուեցաւ կարգաւորել, բայց Յովհաննէս պատրիարք յայտարարեց թէ իրենք բարձրագոյն որոշմանց գործադիրներն չեն: Երրորդ անգամ Յովհաննէս եւ Կիւրեղ առանձինն խորհրդակցեցան պատուիրակին հետ դեկտեմբեր 10-ին յատուկ հրաւէրով, ուր իրենց հաղորդուեցաւ նոր հրամանագիր մը Լատինաց ալ Ծննդեան այրին եւ տաճարին բանալիները յանձնելու, եւ 1847-ին վերցուած ճաճանչը 2626) նորէն Լատինաց ձեռօք զետեղելու: Յոյներ չընդդիմացան, իսկ Հայոց պատրիարքը իրենց համար պատարագի եւ բանալիի իրաւունք խնդրեց: Ասկէ ետքը խօսք բացուեցաւ Ս. Աստուածածնայ գերեզմանի պատարագին կարգին եւ առաջնութեան վրայ, եւ Յովհաննէս առաջարկեց որ իւրաքանչիւր ազգ կարգաւ մի օր պատարագէ, իսկ պատուիրակը կ՚առաջարկէր որ մէկ օր Յոյնն ու Հայը ըստ առաջնոյն պատարագեն, եւ միւս օր Լատինը միայն պատարագէ: Լատինը համաձայնեցաւ Յովհաննէսի առաջարկին, եւ միասին յայտարարութիւն ալ ստորագրեցին. բայց Յոյնը չհաճեցաւ եւ ոչ մի ձեւի, որով իր առաջնութիւնը կը վտանգուէր, հետեւաբար ուրիշ որոշումներն ալ ի կախ մնացին, եւ կատարեալ իրողութիւն ըլլալով միայն Ծննդեան սեղանին ներքեւէն վերցուած ճաճանչին տեղը 2626) նոր ճաճանչ մը զետեղեցին Լատինները Աֆիֆ պէյի հովանաւորութեամբ, որ իր գործը կատարած սեպելով 1852 դեկտեմբեր 17-ին Երուսաղէմէ մեկնեցաւ, որուն ետեւէն Կիւրեղ պատրիարքն ալ անձամբ Կ. Պոլիս փութաց, Ռուսաց դեսպանատան ձեռօք Լատինաց պահանջները խափանելու համար:

2656. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ

Նոր 1853 տարւոյ առաջին երկու ամիսները լռին անցան, իւրաքանչիւր կողմ իր ծրագիրը որոճալով: Փետրուարին սկիզբը գաղղիական դեսպանը փոխուեցաւ, 12-ին Լավալէթ մեկնեցաւ եւ Տըլաքուր յաջորդեց, իսկ 16-ին ռուսական մարտանաւ մը արտասովոր դեսպան մը բերաւ Կ. Պոլիս, իշխան Մենշիքով պատերազմական գործոց նախարարը, իբր 30 հետեւորդ պաշտօնեաներով: Բանակցութիւնները անշշուկ անցան, համաձայնութեան ակնկալութիւններ ծագեցան, բայց յանկարծ երեւոյթները փոխուեցան: Մայիս 1-ին Գաղղիոյ եւ Ռուսիոյ դեսպանատանց հաղորդուեցան Յունաց տրուած հին հրովարտակը եւ Ս. Յարութեան գմբէթին արքունական ծախքով նորոգուելուն հրամանը, բայց Մենշիքով չգոհացաւ, պահանջեց որ Յունաց բոլոր իրաւունքներ թուրքեւռուս դաշնգիրի մը վերածուին եւ քաղաքական երաշխաւորութիւն զգենուն, ինչ որ ծանր էր օսմանեան կառավարութեան համար, զի նախատինք կը նկատուէր իր հպատակաց հանդէպ ունեցած իշխանութիւնը օտար տէրութեանց ազդեցութեանց ենթարկել: Նախարարութիւնը փոխուեցաւ եւ Մենշիքովի առաջարկը մերժուեցաւ, եւ պատշաճ կերպով իրեն հաղորդուեցաւ, ամէն ապահովութիւն տալով իրաւանց յարգուելուն, եւ Ռուսաց ալ Երուսաղէմի մէջ եկեղեցի եւ վանք կառուցելուն: Մենշիքով գոհ չմնաց եւ վերջնական կերպով յարաբերութիւնները խզեց եւ սովորական եւ արտասովոր դեսպանները ռուսական մարտանաւով մեկնեցան (ՍԱՒ. 1294) 1853 մայիս 13-ին (ՊԷՐ. 579): Օսմանեան կառավարութիւնը մայիս 25-ին շրջաբերական հրովարտակով ամէն կողմ հրամայեց որ իսլամներ սիրով վարուին քրիստոնէից հետ եւ յարգեն անոնց կրօնական արտօնութիւնները: Հրովարտակին մէջ յատկապէս Հայոց անունն ալ նշանակուած կը տեսնենք (ՍԱՒ. 1511), իսկ միւս օր մայիս 26-ին պատրիարքները հրաւիրուեցան եպարքոսին ապարանքը, ուր նոյն հրովարտակը հաղորդուեցաւ եւ օրինակներ ալ տրուեցան կարդալ տալու եւ տարածելու համար (ՊԷՐ. 580), եւ խիստ հրամաններ ալ տրուեցան ամէն կողմ: Յունիս 20-ին լսուեցաւ թէ ռուսական բանակը մտած է Մոլտաւիա եւ եւրոպական տէրութիւններ փութացին միջամտել երկու կողմերը հաշտեցնելու, բայց ոչ Նիկողայոս կայսր հաճեցաւ համակերպիլ, եւ ոչ Ապտիւլմէճիտ կայսր կրնար ստորնութիւն յանձն առնուլ: Արդէն Եորոպիոյ պետութիւնք, եւ գլխաւորապէս Գաղղիա եւ Անգղիա եւ Աւստրիա, կասկածով կը նայէին Ռուսիոյ վրայ եւ կը փափաքէին առջեւն առնել անոր յարաճուն զօրութեան, ուստի չէինք քաշուեր օսմանեան կառավարութիւնը քաջալերել եւ գործնական օգնութիւն իսկ խոստանալ: Պատերազմի պատրաստութիւնները յայտնապէս սկսան ամէն կողմերէ, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ բանակներէն զատ, Գաղղիոյ եւ Անգղիոյ տորմիղներն ալ կազմ եւ պատրաստ էին օգոստոսի մէջ, բայց տակաւին բանակցութիւնք կը շարունակէին, վերջապէս 1853 հոկտեմբեր 12-ին ռուսական դեսպանատունը փակուեցաւ, 15-ին օսմանեան սպարապետը Դանուբը անցաւ, 17-ին գաղղիական եւ անգղիական տորմիղներ Վոսփոր մտան, բայց տակաւին պատերազմը չսկսաւ: Կը յուսացուէր որ հաշտարար միջոցները յաջողէին. Գաղղիոյ կայսրը եւ Անգղիոյ թագուհին անգամ մըն ալ հաշտութեան հրաւիրեցին Ռուսաց կայսրը 1854 յունուարի սկիզբը, եւ երբ Նիկողայոս կայսր չհամակերպեցաւ, պատերազմ հրատարակեցին ամսուն 17-ին, իրենց զինակից ունենալով Բիէմոնթէի կամ Սարտենիոյ Իտալական թագաւորութիւնը (ՊԷՐ. 587): Ճակատամարտեր շարունակեցին եւրոպակողման եւ ասիակողման գաւառներուն մէջ, սակայն պատերազմին բախտը կեդրոնացաւ Խրիմին մէջ Սեւաստապոլ ամուր դղեակին վրայ, զոր դաշնակիցք պաշարեցին օգոստոս 23-ին եւ հազիւ տարի մը ետքը զայն առին 1855 սեպտեմբերին: Նիկողայոս Ա. կայսր մեռած էր մարտ 2-ին, եւ յաջորդն Աղեքսանդր Բ. 1856 յունուար 12-ին զինադադար առաջարկեց, մարտ 18/30-ին հաշտութիւնը կնքուեցաւ ի Կ. Պոլիս, որոնց մանրամասնութիւնները նիւթէն դուրս կը մնան:

2657. ՀԱՇՏՈՒԹԵՆԷ ԵՏՔԸ

Փարիզեան դաշնագիրը յատկապէս կը յիշէ օսմանեան հպատակ քրիստոնէից կրօնական ազատութիւնը, եւ անոնց տրուած արտօնութեանց անեղծ պահպանութիւնը, եւ միանգամայն 9րդ յօդուածով իբրեւ կատարուած եղելութիւն կ՚արձանագրէ ներքին բարեկարգութեանց եւ պետական կարգադրութեանց հրովարտակը, զոր դաշնագիրէն առաջ փետրուար 6-ին հրատարակեց սուլտանը, ինքնաբերաբար եւ անկաշկանդ տուած ըլլալուն ի նշան: Իսկ Երուսաղէմական խնդիրին մասին որոշ յօդուած չգրուեցաւ, այլ վերջնականապէս հաստատութիւն ստացաւ այն հրովարտակը, որ Աֆիֆ պատուիրակին դառնալէն ետքը Յունաց տրուած էր 1269 րէճէպի վերջին օրուան հիճրէթի թուականով, եւ որով կը հրամայուէր տիրող վիճակը անփոփոխ պահել, զի եւ ոչ միոյ ազգի պաշտօնական գրովք նորոգ գործադրեալ թույլտուութիւն լինելոյ սակս, ամենքին պարտին մնալ ի վերայ ներկայ վիճակին: Այդ այն հրովարտակն է որ Մէնշիքովը գոհ չէր թողուցեր, զի դաշնագիրի կերպարանը չէր զգեցած, ինչպէս ինքը կը պահանջէր, եւ հիմ եղած էր պատերազմ հրատարակելու: Նոյն հրովարտակը Լատիններն ալ գոհացնել չէր կրնար, զի իրենց ուզած փոփոխութիւնները կը մերժէր, բայց այսու հանդերձ պատերազմէն ետքը իբր օսմանեան կառավարութեան կամք եւ որոշում յարգուեցաւ եւ անարգել գործադրութեան մտաւ: Որչափ ալ ռուսական դեսպանին պահանջմանց շատ չէր պատասխաներ, բայց Յունաց պատրիարքը զայն իբր յաղթութեան նշան Երուսաղէմ էր բերած, եւ եկեղեցական փառօք եւ հանդիսիւ հրատարակած, եւ սուլտանին կենաց համար աղօթքներ կատարած, զի Յոյներուն համար բաւական էր որ հրովարտակ մը իրենց ստացութիւնը վաւերացնէր, եւ Լատինաց յաւակնութիւնները մերժէր: Այս հրովարտակն է որ 1853-է ի վեր նկատուած է իբրեւ վերջնական կանոն Յունաց եւ Հայոց եւ Լատինաց ստացութիւններն ու իրաւունքները ճշդելու. եւ Սթաթու քուօ (Statu quo) լատին անունով ճանչցուած է, ինչ որ տառաբար կը թարգմանուի ի վիճակին յորում, այսինքն մնալ այն վիճակի վրայ որուն մէջ կը գտնուի, որ թարգմանուած է յառաջնումն վիճակի (ՍԱՒ. 1306), այլ յարմարագոյն է կոչել կայուն կացութեան հրովարտակ: Լատիններ չէին կրնար գոհ մնալ այդ հրովարտակին պարունակութենէն, զի իրենց պահանջները գոհացում չէին ստանար, բայց Հայերն ալ կատարելապէս գոհ չեղան, զի իրենք ալ ունէին Յունաց գրաւումներուն դէմ գանգատներ եւ պահանջներ, մանաւանդ վերջին նորոգութեան ատեն տեղի ունեցած փոփոխութեանց դէմ 2421) եւ դիմում ալ ըրին եւ խնդրեցին պաշտպանութիւն սեփանակութեանց իւրեանց, այլ շահեցան եւ ոչինչ, եւ ինչ որ կորսուած էր յանիրաւի, այս անգամ նուիրականութիւն ստացաւ: Բայց եթէ կորուստները ետ չկրցան առնել, գոնէ մնացածները նոր կորուստի վտանգներէն ազատած զգացին: Ըստ այսմ ամենայն ինչ կայուն կացութիւն առած է, եւ կը մնայ ի վիճակին յորում էր 1853-ին, եւ Հայեր եթէ բան մը շահելու ակնկալութիւնը կորսնցուցին, գոնէ ձեռուընին մնացածը ապահովաբար պահելու վստահութիւնը ստացան:

2658. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ՀԱԿԱՌԱԿ

Մասնաւոր միջադէպ մըն ալ տեղի ունեցաւ այդ միջոցին երկու պատրիարքներու միջեւ: Յովհաննէս սկսած էր զլանալ Ճեմարանի տարեկանը` սնտուկին անձկութիւնը պատճառելով, եւ միւս կողմէն կը դժուարանար Երուսաղէմի հաշիւները ներկայել. Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանը կ՚ուզէր նուաճել զինքնօրէն իշխանութիւն Յովհաննէսի, եւ բռնանալ ի վերայ կամաց նորին, մանաւանդ որ գանգատագիրեր ալ կը հասնէին դժգոհներու կողմէ (ՍԱՒ. 1341): Ծանօթ էր Յովհաննէսի բնոյթը որ նամակներու շատ ականջ կախող չէր, ուստի քաղաքավարի ոճով զինքը Կ. Պոլիս կը հրաւիրեն 1856-ին Զատիկէն ետքը, իսկ Յովհաննէս առանց ընդդիմանալու գործը կ՚երկարէ եւ խորհրդականներն ալ կը գրեն, անշուշտ իր դրդմամբ, թէ լաւ չէր ըլլար Յովհաննէսի աթոռէն հեռանալը: Ազգային ժողովը իր միտքին մէջ հաստատուն, պաշտօնգիր ալ կը ստանայ կառավարութենէ Յովհաննէսի Կ. Պոլիս գալուն համար եւ Ղալաթիոյ Յարութիւն քահանայ Սերոբեանը եւ Գալուստ Տէր-Պօղոսեան քարտուղարը ճամբայ կը հանեն իբրեւ նուիրակ, որոնք Երուսաղէմ կը հասնին հոկտեմբեր 18-ին: Պաշտօնագիրը պարզ արտօնագիրի եւ ոչ հրամանագիրի ոճով էր խմբագրուած, որով կառավարիչը Քեամիլ փաշա չի ծանրանար Յովհաննէսի վրայ, իսկ խորհրդականներ եւ միաբանութիւն զատ զատ գիրեր կ՚ուղղեն պատրիարքարան եւ Տատեան եւ Պալեան եւ ուրիշ գլխաւոր ամիրաներու, եւ կը բացատրեն պատրիարքի բացակայութենէն աթոռին հասնելիք վնասները, մինչ Յովհաննէս զինքն միշտ պատրաստակամ կը ցուցնէր: Օրեր կ՚անցնին, 1857 ապրիլ Սարիմ փաշա կառավարիչ կ՚անուանուի, բայց նա ալ ծանրանալու իրաւունք չի զգար, մինչ միւս կողմէն դպրոցական կարգադրութիւններ կը հրամայուի եւ ապրիլ 17-ին Ճեմարանի հիմնարկէքն ալ կը կատարուի 2645), Կ. Պոլսոյ ժողովը իր միտքէն ետ կասեցնելու դիտմամբ: Բայց սա իր մտադրութեան վրայ հաստատուն` ստիպումներու կը ձեռնարկէ, որոնք Յովհաննէսը կը յուզեն, եւ իրաւ ալ անկողին կ՚իյնայ, եւ հիւանդութիւնը օրըստօրէ կը ծանրանայ, եւ հրաւիրակներն ալ իրաց վիճակի տեսնելով կ՚որոշեն ետ դառնալ եւ եղելութիւնը հաղորդել: Իսկ Յովհաննէս փոքր առ փոքր խնամքներէ օգտուելով վտանգէ կ՚ազատի, եւ պահ մըն ալ Բեթղեհէմ օդափոխութեան երթալով կը կազդուրուի, եւ իր աշխատութիւնները կը շարունակէր, եւ Կ. Պոլսոյ ժողովը առժամապէս կը լռէ յարմարագոյն պարագայի սպասելով:

2659. ԴԱՒԻԹ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Յովհաննէս այս անցուդարձերուն մէջ լաւ նկատած էր միաբանութեան մէջէն ալ ոմանց մասնակցութիւնը, որոնց գլուխ կը նկատէր Կարնեցի Դաւիթ Գէորգեան փոխանորդ եպիսկոպոսը, որուն մասին արդէն գրեցինք, թէ նախորդ ընտրութեան ատեն Յովհաննէսի պատրիարքութիւնը արգիլելու աշխատած էր 2611), եւ երկրորդ ընտրութենէ վերջ Յովհաննէսի կողմէ հակակիր զգացումներու հանդիպած էր 2648): Յովհաննէս չուզեց ուղղակի ինքն զայն հեռացնել, այլ բարեկամներու ուղղած մասնաւոր գրութիւններով Կ. Պոլիս հրաւիրել տուաւ Յակոբոս պատրիարքին կողմէն, կարծել տալով Դաւիթի թէ Յակոբոս իր տկարութեան պատճառով զինքն իր մօտ կ՚ուզէ իբր խորհրդական ունենալ: Այդ համոզմամբ Դաւիթ յօժարակամ մեկնեցաւ եւ Կ. Պոլիս հասաւ 1857 նոյեմբեր 6-ին, եւ նոյն տարւոյ դեկտեմբեր 15-ին Ս. Յակոբայ կիրակիին իբրեւ պատրիարքական խորհրդական կը յիշուի անոր անունը Յակոբոս պատրիարքի հետ հիւանդանոցի տրուած այցելութեան առթիւ. բայց կ՚երեւի թէ պաշտօնը հաստատութիւն եւ շարունակութիւն չունեցաւ, եւ աւանգանւոյն կողմէն ալ ցուրտ ընդունելութեան հանդիպեցաւ, ուստի յուզուած եւ շփոթած հարկադրուեցաւ Կ. Պոլիսէ հեռանալ օդին անյարմարութեան պատրուակով, եւ Վերիտոն օդափոխութեան երթալու դիտմամբ ճամբայ ելաւ, բայց ուղղակի Յոպպէ եկաւ, եւ անկէ Երուսաղէմ ելաւ, ուր անթայր (anthrax) կոչուած անբուժելի վէրք մը հանեց թիկնամէջին վրայ, որ կենաց թելն ալ կարճեց, եւ վախճանեցաւ 1858 հոկտեմբեր 6-ին, եւ մարմինը ամփոփուեցաւ Ս. Փրկիչի բակը:

2660. ԿԱԹՈԼԻԿ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Կաթոլիկ հասարակութեան գործերը թողած ենք Ֆէրրիէրի արքեպիսկոպոսի Հռոմ մեկնելուն, Հասունեանի ազգապետութենէ հրաժարելուն եւ Սելվեանին անոր յաջորդելուն 1849 տարւոյ սկիզբը 2603): Սելվեան իր պաշտօնավարութեան սկիզբէն Հասունի կատարեալ կամակատար մը յայտնուեցաւ հակառակ իրեն վրայ դրուած յուսադրութեան, եւ պարզապէս անոր մտադրութիւնները իրականացնելու գործակցեցաւ, որ էր բոլոր վարչական եւ մատակարարական գործերը ազգապետարանէն եպիսկոպոսարան փոխադրել: Ազգովին ընտրուած աղքատաց հոգաբարձութիւնը փոփոխեց եւ Հասունի համակիրներ դրաւ, Հասունի կազմած բայց գործադրել չկրցած նոր կանոնադրութիւնը հրատարակեց եւ կառավարութենէն հրամայուած վարչական ժողովին ընտրութիւնը յետաձգեց (ՀԱՍ. 119): Ժողովուրդին մէջ նորէն դժգոհութեան ձայներ սկսան բարձրանալ, Հասուն օգտակար սեպեց պահ մը հեռանալ, եւ Պիոս Թ. պապին դէմ ելած ապստամբութեան գաղղիական զինուց զօրութեամբ ընկճուիլը առիթ առնելով 1849 օգոստոս 23-ին Կ. Պոլիսէ մեւնեցաւ, եկեղեցականներուն եւ իրեններուն ստորագրութեամբ գիրեր տանելով միասին (ՀԱՍ. 106): Հասունեանին մեկնելովը միւս կողմը առիթ գտաւ Սելվեանին վրայ ծանրանալ, եւ վերջապէս սեպտեմբերի մէջ Երկոտասանից առաջին վարչական ժողովը քուէարկութեամբ ընտրուեցաւ, եւ ընտրեալներն եղան, Միհրան Տիւզեան, Աբրահամ Ալլահվերտեան, Յովհաննէս Թնկրեան, Վիշէն Գըլճեան, Յարութիւն Կէօչէեաան, Յովհաննէս Գույումճեան, Ֆրան Սինապեան, Գասպար Սինապեան, Ֆէհրատ Տէօվլէթեան, Մուսա Հասունեան, Թովմաս Կէօչէեան եւ Յարութիւն Մանուէլեան: Այս կազմութեան մէջ երկու կողմերն ալ ներկայացուած էին, բայց ընդհանրապէս հասարակութեան օգտին աշխատելու միտքը կը տիրէր (ՀԱՍ. 122): Մինչեւ այն ատեն միակ եկեղեցի ունէին կաթոլիկները Ղալաթիոյ մէջ, ժողովը հետամուտ եղաւ Բերայի, Սամաթիոյ եւ Օրթաքէօյի մէջ եկեղեցիներ աւելցնել, յատուկ պատրիարքարան մըն ալ շինել, եւ գլխաւորաբար պատրիարքարանի կանոնագիր մը ունենալ, խափանեալը ինչ ինչ փոփոխութիւններով գործադրութեան վերակոչելով: Այս նպատակով 12 ուրիշ անձեր ալ ընտրելով Սելվեան ազգապետին նախագահութեամբ, 25 անդամով Օրէսդիր ժողով մը կազմուեցաւ, որուն մէջ նոր մտնողներ եղան, Պօղոս Պիլէզիկճեան, Յովսէփ Տավութեան, Գէորգ Ազնաւուրեան, Մկրտիչ Սամաճեան, Յակոբ Տավութեան բժիշկ, Յակոբ Տուազեան, Յովսէփ Փորթուգալեան, Սրապ Մանասեան, Անտոն Երամեան, Անտոն Մազլըմեան, Կարապետ Թիւլպէնտճեան եւ Մելքոն Սագայեան (ՀԱՍ. 124): Օրէնսգիրին նիստերը շարունակեցին, բաւական կէտեր համաձայնութեամբ նայուեցան, եւ որոշուեցաւ որ եկեղեցի, հիւանդանոց, աղքատանոց եւ դպրոց ազգային սեփականութիւն են, որ ամէն աստիճանի պաշտօնակալներ եւ ժողովականներ ազգային ընտրութեամբ կ՚որոշուին, որ եկեղցականներ յամենայն կարգէ եւ ի տեսակէ, այսինքն միաբանութիւններէ ըլլան եւ թէ փրօփականտայէ, ընդհանուր ժողովներու մէջ ձայն կը վայելեն (ՀԱՍ. 126): Բայց անհամաձայնութիւնը սկսաւ երբոր եպիսկոպոսական ընտրութեանց խնդիրը մէջտեղ եկաւ, զոր Հասունի համակիրներ Հռոմի կ՚ուզէին վերապահել, հարկաւ անոր գահակալութեան ձեւը պաշտպանած ըլլալու համար 2601), մինչեւ մեծամասնութիւնը զայն ժողովրդական ընտրութեան կ՚ուզէին սեփականել: Սելվեան ալ փոքրամասնութեան հետ եղաւ, համաձայնութիւն չգոյացաւ, եւ այն օրը 1850 ապրիլին Օրէնսդիր ժողովին վերջինը եղաւ, եւ կանոնագիրն ալ հաստատութիւն չստացաւ (ՀԱՍ. 127), իսկ Երկոտասանից վարչականը պաշտօնի վրայ մնացած սեպուեցաւ, եւ հինգուկէս տարի այսպէս շարունակեց, թէպէտ ներքին կուսակցութեանց պատճառով կանոնաւոր կերպով պաշտօն չվարեց (ՀԱՍ. 361):

2661. ՀԱՍՈՒՆԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Հասուն Կ. Պոլիսէ մեկնելով ուղիղ Կայեթա հանդիպած էր Պիոս Թ. ի այցելութեան, եւ անկի Հռոմ անցած իր մտադրած գործունէութեան ասպարէզը հարթելու եւ միջոցները պատրաստելու, որոնցմով զբաղեցաւ 1849 օգոստոսէն մինչեւ 1850 մայիս, ինն ամիս շարունակ: Հասունեան քաղաքականութեան (ՀԱՍ. 1) մեծ նպատակն էր հայկաթոլիկ հասարակութեան մէջէն բնաջինջ ընել ինչ որ հայութեան հետ վերաբերութիւն եւ կապակցութիւն ունի, եւ անոր տեղ հռոէմական եւ լատինական ձեւերն ու կերպերը հաստատել, անհետ ընել ինչ որ բուն հայ է, եւ ամրացնել ինչ որ զուտ կաթոլիկ է: Սակայն նպատակը իրագործելու համար արգելքներու կը հանդիպէր, եւ պէտք էր անոնք տկարացնել, եթէ ոչնչացնել հնար չըլլար: Արգելքներու գլխաւորը հասարակութեան կողմէն էր, որուն մեծամասնութիւնը կամ մի լաւ մասը չէր մերկացած ինչ որ աւանդաբար ունէր իր միտքին եւ սիրտին մէջ իբրեւ հայ, որչափ ալ կաթոլիկութիւնը ընդունած էր, եւ կը պահանջէր աշխարհական տարրին եկեղեցական գործերու մասնակցութիւնը, եւ ընտրողական ու մատակարարական ու վարչական պարունակներու մէջ ձայն եւ իրաւունք ունենալ: Հասուն հիմնուելով պապական անպայման իշխանութեան կաթոլիկ գաղափարին վրայ, կը ջանար պապի անունով խափանել ինչ որ հնաւանդ հայութեան զգացումէ կը ծագէր, եւ կը ջանար աշխարհական տարրը հիմնովին հեռացնել եկեղեցական եւ ազգային գործերէն, եւ ամենայն ինչ եկեղեցականներու եւ եկեղեցական իշխանութեան ձեռքին ներքեւ դնել: Իր ջանքերուն խոչընդոտ մըն էր Համազգեաց ընկերութիւնը, որ բոլոր Հայերու առանց դաւանական տարբերութեան, գործակցութիւնը կը նուիրագործէր, ուստի պէտք էր ընկերութիւնը տապալեալ կամ թէ իրեն գործիք դարձնել: Խոչընդոտ մըն ալ Վենետիկոյ Մխիթարեան միաբանութիւնն էր, որ Մխիթարէն ժառանգած ազգային զգացումը տակաւին այն ատեն վառ կը պահէր, եւ ինչպէս քանիցս առիթ ունեցանք կրկնել 1938, 2165) հայութիւնը կաթոլիկութեան պատուաստելու գաղափարով կ՚օրօրուէր, որ թէպէտ մեր տեսութեամբ անհնարին մի բան էր, սակայն Հասունի աչքին կարեւորութիւն ունէր, զի նա երեւակայական խոչընդոտներն իսկ իր առջեւէն հեռացուած տեսնել կը բաղձար: Իր նպատակին հասնելու համար նախ ընդարձակ տեղեկագրական պարութայ մը պատրաստեց կամ պատրաստելու տուաւ, իբր թէ հռոմէական հաւատքը արեւելքի մէջ կործանելու վտանգի ենթարկուած ըլլայ եթէ աշխարհականներ գործի խառնուին, ուստի պէտք էր Կ. Պոլսոյ վիճակին մէջ եպիսկոպոսարաններ հաստատել, եկեղեցականութիւնը զօրացնել, եւ անոնց իրաւասութիւնը ընդարձակել, եւ կ՚առաջարկէր վեց նոր թեմեր ստեղծել, Պրուսա, Անկիւրիա, Տրապիզոն, Խարբերդ, Կարին եւ Արդուին, եւ թեմակալներն ալ ուղղակի Հռոմի հրամանով անուանել եւ ժողովրդական ընտրութեան չթողուլ: Առաջարկը ընդունուեցաւ փրօփականտայի վարիչ ժողովէն եւ ընտրելիներ Հասունէն ցուցուեցան իրեն աշխատակիցներուն մէջէն եւ Հռոմէն հաստատուեցան (ՀԱՍ. 132): Համազգեաց ընկերութիւնն ալ թէ ուղղակի եւ թէ Ֆէրրիէրիի ձեռքով ներկայացուեցաւ իբր կաթոլիկութեան վնասակար մի հաստատութիւն, եւ զայն արգիլող հրամանագիր մը ստացուեցաւ փրոփականտայի նախագահ Ֆրանսօնի կարտինալին եւ ատենադպիր Պարնապօ մօնսինեօրին ստորագրութեամբ եւ 1850 մայիս 6/18 թուականով: Իսկ Մխիթարեանները, որովհետեւ Հռոմէ ճանչցուած միաբանութիւն էին եւ պարզ հրամանով մը զայն դադրեցնել հնար չէր, ուստի անոնց վարկը աղարտելու եւ անոնց դաւանանքը կեղակարծ ցուցնելու եւ զիրենք կասկածելի ներկայելու համար նախապատրաստութեանց ձեռնարկեց, եւ փոփականտայի դիւանին մէջ ինչչափ որ Մխիթարեանց աննպաստ գրութիւններ կային, զանոնք հաւաքելու ետեւէ եղաւ Հռոմ գտնուող Ստեփան Ազարեան եւ Յովհաննէս Հոլասեան նորընծայ կուսակրօն քահանաներու ձեռքով, (ՀԱՍ. 156): Մխիթարեանները երկու կողմերը միացնելու եւ հաճեցնելու փափաքով, եւ երբեմն այս եւ երբեմն միւս կողմը առատանալով, անդստին Մխիթարի օրէն 1938) միշտ կասկածի ենթարկուած էին, եւ իրենց աննպաստ գրութիւններ ալ շատ էին, ինչպէս շատ էին նաեւ նպաստաւոր գրութիւններ, քանի որ իրենք ալ երկու կողմերուն հաւասարապէս համակրական ցոյցեր ըրած էին: Արդէն Պիոս Թ. Հռոմ դարձած էր, եւ Հասուն իր ձեռնարկներուն մէջ քաջալերուած Կ. Պոլիս դարձաւ 1850 մայիս 31-ին (ՀԱՍ. 135):

2662. ՀԱՍՈՒԱՆԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐԸ

Հռոմի մէջ պատրաստածները պէտք էր Կ. Պոլսոյ մէջ գործադրութեան դնել, բայց Հասուն դարձեալ դժուարութեանց բաղխեցաւ: Հասարակութեան կողմէ խնդիր յուզուեցաւ թէ' պարզապէս եպիսկոպոսարաններ հաստատելու եւ թէ' առանց ժողովրդական ընտրութեան եպիսկոպոսներ անուանելու դէմ, եւ նոյնիսկ այն քաղաքներէն ալ, որոնց եպիսկոպոսներ նշանակուած էին, բողոքագիրներ եկան թէ ո'չ եպիսկոպոսի պէտք ունին եւ ո'չ եպիսկոպոսարանի բեռը կրնան տանիլ: Բողոքներ բողոքներու յաջորդեցին, միանգամ եւ երկիցս Հռոմի պապութեան դիմումներ եղան եւ խնդրագիրներ յղուեցան, եւ օսմանեան կառավարութեան ալ աղերսագիր տրուեցաւ, վարչական ժողովն ալ ջանաց Հասունը համոզել որ գործադրութիւնը յետաձգէ, իսկ սա միշտ նոյն յանգերգը կը կրկնէր, թէ եկեղեցւոյ եւ հաւատքի գործերուն տէրը պապն է, ժողովուրդը միջամտելու իրաւունք չունի, եւ իր պարտքը մտադիւր հպատակելն է (ՀԱՍ. 133-136): Եւ որպէսզի ժողովուրդը լրացած գործողութեան դիմաց գտնուի, եւ իր ճիգերը դադրեցնէ, յանկարծակի որոշմամբ մը 1850 յունիս 25-ին շաբաթէ կիրակի գիշերը, Ղալաթիոյ Յիսուս փրկիչ եկեղեցւոյն մէջ, փակել դուռներով, առանց ժողովրդի, եւ միայն երկու օտարածէս ընթերականերու եւ քանի մը եկեղեցականներու ներկայութեամբ, առանց պատարագի եւ հանդիսութեան, Հասուն եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն կը կատարէ, եւ արշալոյսին Տիմոթէոս Աստարճեան, Անտոն Շիշմանեան եւ Յովսէփ Հաճիդաւիթեան վարդապետներ եպիսկոպոսակերպ զարդարուած Բերայի մեծ փողոցէն կ՚անցնին, բայց տեսնողներ գիշերոյ եւ խաւարի եպիսկոպոսներ կոչմամբ կ՚ողջունեն անոնք (ՀԱՍ. 138), եւ Հասունի յաղթանակն ալ խաւարի յաղթանակ ի դէպ կը լինի կոչել: Յաջորդաբար ձեռնադրուեցան միւս երեք եպիսկոպոսները եւ Աստարճեանի յաջորդը, որ տեղը չգացած Կ. Պոլսոյ մէջ մեռաւ 1851 մարտ 14-ին (ՀԱՍ. 152): Բայց ոչ թէ միայն Աստարճեան այլեւ միւսներն ալ չկրցան իրենց համար նշանակուած թեմերը երթալ, զի օսմանեան դուռը չհաճեցաւ անոնք ճանչնալ եւ հորվարտակ տալ մինչեւ որ ազգապէտէն եւ ազգային ժողովէն անոնց համար երշխաւորական եւ ընծայական պաշտօնագիր չներկայացուի, եւ որչափ ալ Սելվեան կ՚աշխատէր Հասունը գոհացնել, սակայն ժողովին մեծամասնութիւնը կ՚ընդդիմանար իր կնիքը դնել պաշտօնագիրին ներքեւ: Գործը երթալով կը կնճռոտէր երբ պապին կողմէ Գաղղիոյ կայսեր դիմում եղաւ, եւ կայսրը Լավալէթ դեսպանին հրահանգ տվավ գործը կարգադրել, երբ օսմանեան դուռն ալ Գաղղիոյ մտերմութիւնը կը մշակէր Երուսաղէմի մասին ռուսական բռնադատութեանց դիմադրելու համար: Լավալէթ իբրեւ միջոց առաջարկեց եւ ամէն կողմերուն ընդունել տւաւ, որ այսուհետեւ եպիսկոպոսական ընտրութեանց համար ազգը ըստ առաջին սովորութեան երեք անձ Հռոմային ներկայացնէ, որոնցմէ մէկը Հռոմ ընտրէ, եւ այս հիմամբ ձեռնադրուածները հրովարտակնին ստացան եւ 1851 օգոստոսին, այսինքն` ձեռնադրութենէն 14 ամիս ետքը սկսան իրենց թեմերը երթալ: Եպիսկոպոսաց խնդիրը յուզուած միջոցին Համազգեաց ընկերութեան խնդիրն ալ կը յուզուէր, զի թէպէտ արտաին գործոց նախարարը յայտարարած էր թէ ձեռք ձգուած 2661) փրոփակատայի գիրը (ՊԷՐ. 352-356) պետութեան անարգական է, որ ընկերութիւնը ճանչցած եւ հաստատած էր 2603), սակայն Հասուն խնդիրին հաւատոյ գոյն տալով հրամանագիրը եկեղեցին կարդացուց, եւ տպագրելով ժողովուրդին մէջ ցրուեց, որով ընթերցող ընկերներէն ոմանք խղճահարութեամբ, ոմանք ալ անտարբերութեամբ սկսան թօթափիլ, ընկերութիւնը տկարացաւ եւ հետզհետէ անգործ դարձաւ. թէպէտ ընկերութիւնը պաշտօնապէս չջնջուեցաւ, եւ իր ձեռքը մնաց իր յատուկ շէնքը Բերայի Լալէ փողոցը, եւ հաւաքած դրամագլուխին մնացորդը:

2663 ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՆ ՎԵՆԵՏԿՈՅ

Հասունի ձեռնարկներուն երրորդը Վենետիկի Մխիթարեանները եթէ ոչ ջնջել գոնէ վարկաբեկել էր: Հասունեանի գլխաւորութեամբ Մխիթարեանց աննպաստ գրութեանց հաւաքածոյն համառօտ եզրակացութիւններով 2621) պաշտօնական պարութայի (Ponenza) վերածուելով փրոփականտայի ատեանին մատուցուած էր մասնաւոր կերպով, բայց Մխիթարեանք յաջողեցան օրինակ մը ձեռք ձգել: Այդ միջոցին Վենետկոյ Մխիթարեանց աբբահայրն էր Գէորգ Հիւրմիւզեան, անուանական արքեպիսկոպոս Սիւնեաց, որ Սուքիաս Սոմալեանի մահուանէ 2477) հինգ ամիս ետքը 1846 յունիս 20/2 յուլիսին աբբահայր ընտրուած եւ օգոստոս 14/25-ին արքեպիսկոպոս ձեռնադրուած էր: Գէորգ Հիւրմիւզեան թէպէտեւ ուսմամբ զարգացած եւ ձիրքերով ճոխացած անձ մըն էր, այլ նուազ էր պաշտօնական կորովոյ կողմէն, եւ իր պաշտօնավարութիւնը որ 30 տարի տեւեց (ՅՈԲ. 221), Մխիթարեանց աւելի անկման քան բարգաւաճման միջոց եղաւ: Վերեւ յիշուած պարութային իբր պատասխան Մխիթարեանք փութացին երեք լեզուով Յիշատակագիր մը (Memoria) պատրաստել իրենց նպաստաւոր վաւերագիրներով, եւ տպագրելով ցրուեցին Հռոմի բարձրաստիճան պաշտօնակալներուն (ՀԱՍ. 157): Հասուն ալ ստացաւ օրինակ մը, եւ որպէսզի իր առաջին յարձակողականին ոյժը չկոտրուի, խորհեցաւ աւելի ընդարձակ եւ աւելի ուժգին գրուած մը պատրաստել եւ փրոփականտային հասցնել, որ իրեն օրակարգի խնդիրներուն անցուցած էր առաջին պարութան եւ յիշատակագիրը: Հասուն իր եկեղեցականներով ժողով մըն ալ գումարեց, ուր որոշուեցաւ խմբագրական յանձնաժողով մը կազմել, իտալերէն խմբագրել, գրութիւնը փութացնել, գաղտնի տպագրել, եւ փրոփականտայի ատեանին մատուցանել, իսկ առ այժմ ընդհանուր հրատարակութեան չտալ: Յանձնաժողովին անդամ նշանակուեցան Յովսէփ Պօրճօնեան, Ամբրոսիոս Մաղաքեան, Պօղոս Մաղաքեան, Ստեփան Ազարեան եւ Յովհաննէս Հոլասեան վարդապետներ, եւ Գասպար Վուչինո իտալացի վարդապետը գրութեան լեզուին համար (ՀԱՍ. 158): Այսպէս կազմուեցաւ ՎԵՆԵՏԿՈՅ ՍՈՒՐԲ ՂԱԶԱՐԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՆ (Mechitarista di S Lazzaro di Venezia) գիրքը, որ 1852 զատիկի միջոցին, 40 օրուան մէջ տպագրուեցաւ Կ. Պոլիս թէպէտ Լիվօռնօ նշանակուած է հատորին ճակատը (ՀԱՍ. 162): Որչափ ալ գաղտնի պահելու ջանք ըլլար, անհնար էր որ ձայնը դուրս չելլար, եւ իրօք ալ 1852 յունիս 1-ին նշանակուած կը գտնենք անոր հրապարակի վրայ երեւնալը (ՊԷՐ. 573), իսկ յունիս 10-ին կաթոլիկներու ընդհանուր ժողովին առջեւ ելլալը (ՀԱՍ. 168): Այս գիրքն էր որ յոմանց պարսաւագիր (ՊԷՐ. 267), եւ յայլոց չարամատեան (ՀԱՍ. 162) անունով կոչուեցաւ եւ ճանչցուեցաւ խօսից եւ գրուածոց մէջ:

2664. ՊԱՐՍԱՒԱԳԻՐՔԻ ԽՆԴԻՐԸ

Իբր 200 էջէ բաղկացեալ հատոր մըն էր հրատարակուածը, Մխիթարեանները կատարեալ կաթոլիկութենէ հեռու եւ հաւատքնին կեղակարծ, մանաւանդ թէ կաթոլիկութեան հանդէպ օտարադաւան ցուցնելու, եւ ուղղակի հայադաւան կարծեցնելու նպատակով շարադրուած: Այս հոգւով տոգորեալ Մխիթարեան մեռած վարդապետները եւ աբբահայրերը, Յանսէնեանց նման հերետիկոս եւ հերձուածող կ՚անուանէին, կենդանի մնացող Մխիթարեաններն ալ հաւատաքննութեան ատեաններով դատապարտել կը թելադրուէր, անոնց հետեւողներուն հոգւոց փրկութիւնը տարակուսական, եւ անոնց պաշտած խորհուրդներուն արդիւնքը երկբայական կը ցուցուէր: Քաղաքական տեսակէտով ալ Հայոց ազգը ապստամբեցնելու ջանալնին կը յիշուէր, եւ յանուանէ Աբբայեան կուսակցութեան գլուխ եղող Տիւզեան գերդաստանը 2354) իբր ապստամբութեան գլուխ կը զրպարտուէր, Մխիթարեան վարչութեան ներքեւ եղող Մուրատեան եւ Ռափայէլեան վարժարաններու աշակերտները իբր անկրօն եւ անհաւատ կը բամբասուէին, եւ մէկ խօսքով միաբանութիւնը ջնջնելու եւ Ս. Ղազարու վանքը քանդելու պէտքը կը ցուցուէր: Լեզուն ալ գռեհիկ եւ կոշտ էր, ոճը անվայել, բացատրութիւնները ստորին, գնահատումները յախուռն: Այսպիսի հրատարակութեան արդիւնքն եղաւ միտքերը խանգարել, հասարակութեան մէջ երկպառակութիւն գրգռել, միամիտներուն խիղճերը այլայլել, ազատախոհները բարկութեան մղել, եւ ամէն տեղ եւ ամէն տուն շփոթութիւններ եւ դժգոհութիւններ զարթուցանել: Մինչեւ իսկ Տիւզեանք իրենց մասին գրուածներէն զգածուեցան, եւ վատ հետեւանքներ ալ կրնային գոյանալ, եթէ կայսրն ու նախարարները զիրենք չվստահեցնէին թէ դուք միշտ հաւատարիմ գտնուած էք, ուստի հանդարտ եղէք եւ պարապ տեղ սիրտներիդ չխռովին (ՀԱՍ. 168): Հասարակութեան մէջ առաջին Կարապետ Թիւլպէնտճեան եղաւ օրինակ մը ձեռք ձգող, եւ ամփոփ շրջանակի մէջ կարդալ տուողը, որ երթալով ընդարձակուեցաւ (ՀԱՍ. 164), եւ 1852 յունիս 5-ին հինգշաբթի օր, 60 հոգիի չափ խումբ մը ազգապետ Սելվեանի դիմեց, վարչական եւ ընդհանուր ժողովներ գումարել պահանջեց: Սելվեան խուսափողական միջոցներու դիմեց, որպեսզի գոնէ գիրքին բուն հեղինակները չնշանակուին, ուստի գիշերային ժողովակի մը մէջ առատ խոստումներով իտալացի Վուշինօյէն յայտարարութիւն կը խլեն, իբր թէ ինքն է միակ եւ բացարձակ հեղինակը այդ հրատարակութեան, եւ զայն կը բերէն յունիս 10-ին երեքշաբթի օր գումարուած ընդհանուր ժողովին, բայց ժողովը դարձուածներուն գիտակ, եւ ոչ իսկ Վուշինոյի յայտարարութեան ընթերցումը կը ներէ: Սելվեանէն կը պահանջուի որոշ կարծիք մը յայտնել գիրքին պարունակութեան վրայ, բայց նա դարձեալ կը խուսափէ խնդիրը կրօնական եւ հետեւաբար Հասունի հոգեւոր իշխանութեան պատկանող յայտարարելով: Հասուն կանխած էր Անկիւրիա ուղեւորիլ` հեռու գտնուելու համար, ուստի Յովսէփ Պօրճօնեան եւ ատենադպիր Ստեփան Ազարեան վարդապետներ ժողովի կը կանչուին որ հարցուփորձուին: Այդ միջոցին Հասունի համակիրներէն խումբ մը ժողովը կը թողու զայն ցրուելու նպատակով, բայց ստուար մեծամասնութիւնը կը շարունակէ, եւ Պօրճօնեանն ու Ազարեանը նեղի կը դնէ որոշ պատասխան մը առնելու: Ասոնք ամէն հնարամտութիւն կը գործածեն, բայց չեն կրնար ծածկել թէ հրատարակութենէն տեղեկութիւն ունին, թէ Հասունէ այդ մասին հրահանգներ ունեցած են, եւ թէ Մխիթարեանք իրենց հաւասար հոգեւոր պաշտօն վարելու արտօնուած են, եւ երբ ըսածնին գիրով տալու կը հրաւիրուին, ստորագրութիւն չենք կրնար տալ ըսելով կը մեկնին, ժողովը կը ցրուի, եղելութեան մասին նախարարներուն մասնաւոր տեղեկութիւն կը տրուի, իսկ պաշտօնական դիմումը առ այժմ կը յետաձգուի:

2665. ԻԼԷՐՕ ԵՒ ՀԱՍՈՒՆ

Վուշինօյէն առնուած յայտարարութեան շշուկը նոր կերպարան տուաւ խնդիրին: Լատիններուն հոգեւոր պետը, կամ պաշտօնական կոչմամբ, առաքելական նուիրակ եւ պատրիարքական փոխանորդն էր Իլէրօ արքեպիսկոպոսը, բնիկ Գաղղիացի եւ բաւական ուղղամիտ եկեղեցական մը: Վերջին ժողովին մէջ հինգ հոգիէ յանձնախումբ մը ընտրուած էր գործին հետեւելու եւ պատշաճը խօսելու ու գրելու, որոնք էին Մկրտիչ Սամանճեան, Կարապետ Թիւլպէնտճեան, Յովսէփ Երամեան, եւ Պօղոս Շաչեան ու Յակոբ Տավութեան բժիշկներ: Ասոնք ժողովին յաջորդ օրն իսկ, յունիս 11 չորեքշաբթի, Իլէրօյի կը ներկայանան, Վուշինօյէ առնուած յայտարարութեան վրայ կը խոսին եւ կը ցուցնեն, որով Իլէրօ կ՚որոշէ իր կղերէն հեռացնել տգեղ ամբաստանութիւնը: Իսկոյն Վուշինօն կը կոչէ, որ անմիջապէս երկրորդ յայտարարութիւն մը կու տայ, թէ ինքն լոկ գրարգութիւն ըրած է, հայազգի կաթոլիկկ եկեղեցականց ոմանց յանձնած թուղթերուն նայելով (ՀԱՍ. 178): Ասոր վրայ Իլէրօ յունիս 14-ին գրաւոր կերպով կը պահանջէ Սելվեանէ որ ճշմարտութիւնը չխարդախէ, եւ իրեններուն պատկանող տգեղ գործը լատին կղերին վրայ չծանրացնէ: Պատասխանը ուշանալուն յունիս 17-ին պահանջը կը կրկնէ սպառնալով իսկ թէ լատին եկեղեցւոյ յարգն ու պատիւը պահելու եւ պաշտպանելու համար ձեռքս գտնուած վաւերական գրուածներով եւ հաւատարիմ վկաներով մինչեւ ցվերջին կէտ ջանալու հիմակուընէ ձեզի կը ծանուցանեմ (ՀԱՍ. 182): Որովհետեւ հասարակութեան ներկայացուցիչներն ալ Սելվեանը կը ստիպէին ժողով գումարել եւ խնդիրը լուծել, սա հասարակութեան ստիպելը կառավարութեան հաղորդելով եւ վնաս ծագելիքը թելադրելով, ժողով չգումարելու հրահանգ մը կը կորզէ եւ հասարակութեան կը հաղորդէ, բայց կառավարական նախաքննութիւնը կը կատարուի եւ Վուշինօ դատի կ՚ենթարկուի, որ արդէն իր եպիսկոպոսին արգելմամբ պատժուած էր: Այս պատճառով Հասունի եպիսկոպոսարանը կ՚երթայ, եւ կը սպառնայ ամէն բան խոստովանիլ եթէ զինքը չազատեն, բայց դարձեալ խոստումներով կը շահուի, եւ երրորդ յայտարարութիւն մըն ալ կու տայ Իլէրօյին տուածին հակառակ, եւ չորրորդ մըն ալ չտալու երդում կընէ, եւ յունիս 19-ին գաղղիական շոգենաւով Կ. Պոլիսէ կը հեռացուի Հասունեանց ծախքով եւ պաշտպանութեամբ: Իլէրօ յունիս 30-ին Պօրճօնեանէ ալ կը պահանջէ գիրքին հեղինակին մասին ստուգութիւնը հրատարակել, յունիս 2-ին Սելվեանին կը կրկնէ, յուլիս 6-ին դարձեալ Պօրճօնեանէ ալ կը պահանջէ եւ երկարօրէն կը գրէ (ՀԱՍ. 186-200), եւ դիմացիններուն խօսածովն ու գրածովը իր ըսածը կը հաստատէ, թէ հայ կաթոլիկ եկեղեցականներ են գիրքին հեղինակները եւ ոչ թէ լատին Վուչինօն: Երբ իրեն գոհունակութիւն տրուելէն կը յուսահատի` փոխանակուած նամակները ամբողջովին հասարակութեան կը ներկայացնէ եւ կը հաղորդէ, եւ նա կը փութայ իտալերէն եւ գաղղիէրէն եւ տաճկերէն լեզուներով հրատարակութեան տալ (ՀԱՍ. 200): Այդ միջոցին ներկայացուցիչ յանձնախումբը 24 անդամի վերածուած էր արգիլուած ընդհանուր ժողովին տեղ գործելու համար: Ասոնք ալ Սելվեան ազգապետէ վերջնական բացատրութիւն կը պահանջեն, եւ չստանալով յունիս 26-ին կառավարութեան կը դիմեն: Հասունենք ալ յունիս 29-ին հակառակ գրութիւն մը կը մատուցանեն (ՀԱՍ. 203-206), եւ շփոթը ծանրանալուն, մանաւանդ լատին եպիսկոպոսին միջամտութեան պատճառով, Հասուն կը ստիպուի յուլիս 15-ին Կ. Պոլիս դառնալ, 16-ին հանրութեան ներկայացուցիչները դարձեալ կառավարութեան կը դիմեն Հասունին դէմ: Հասուն ալ յուլիս 18-ին ուրբաթ օր եկեղեցական ժողով կը գումարէ եւ բաւական բացայայտ կերպով Մխիթարեանց վրայ ծանրանալէն ետքը Հռոմէ եկած թուղթ մը կը հաղորդէ թէ գիրքին հեղինակը Վուչինօն է եւ դատաստանն ալ Հռոմի վերապահուած է: Օգոստոս 2-ին ժողովրդին ալ կը հաղորդէ շրջաբերականով, որուն վրայ Իլէրօ օգոստոս 7-ին պաշտօնապէս քննիչ յանձնաժողով մը կը կազմէ: Բոլոր վաւերագիրները կը ներկայացնէ լատին եկեղեցականութեան եօթը նշանաւոր անդամներուն, բերանացի քննութիւններ ալ կատարել կը հրամայէ, եւ վճիռը կը հրատարակէ թէ գիրքին հեղինակութիւնը հայ կաթոլիկ եկեղեցականներու, եւ ոչ թէ Վուչինօյի կը պատկանի (ՀԱՍ. 215-216):

2666. ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ԿԱԿՈՆԵԱՆ

Այս վճիռը հասարաեութիւնը քաջալերեց, որ տեսնելով թէ Սելվեան յայտնապէս Հասունի պաշտպանութեան կ՚աշխատի խորհեցաւ նախ զայն գործէ հեռացնել եւ կառավարութենէն անոր պաշտօնականութիւնը պահանջեց, որ 1852 սեպտեմբեր 1-ին վճռուեցաւ, եւ երբ Սելվեան չփութաց հրաժարականը գրել, 4-ին պաշտօնապէս իրեն հաղորդուեցաւ, եւ 6-ին նոր ընտրութեան հրահանգ տրուեցաւ, 8-ին վարչական ժողով գումարուեցաւ, ուր որոշուեցաւ այս անգամ Անտոնեան միաբանութենէն ընտրել պատրիարքը, իբր զի Քօլէճեանք եւ Վենետկոյ Մխիթարեանք փոփոխակի զիրար կ՚ամբաստանէին, եւ Վիէննայի Մխիթարեանք Աւստրիոյ հպատակ կամ պաշտպանեալ կը նկատուէին: Իսկ Անտոնեաններէն ընտրելի նշանակուեցան, երիցութեան կարգով, Վրթանէս Եիւզիւքճեան, Եղիա Նահապետեան, Պօղոս Պօյնուէյրեան եւ Նիկողայոս Կակոնեան վարդապետները (ՀԱՍ. 223): Սեպտեմբեր 11-ին քուէարկութիւն պիտի ըլլար, բայց խափանուեցաւ զի Հասունեանք պնդեցին Քօլէճէաններէն ալ ընտրելի առնել: Ֆուատ պէյ, արտաքին գործոց եւ կրօնից պաշտօնեայ, երկու կողմի գլխաւորներէն հինգական հոգի խորհրդակցութեան հրաւիրեց սեպտեմբեր 16-ին, բայց համաձայնութիւն չգոյացաւ, 26-ին վեցական հոգիով նոր խորհրդակցութիւն տեղի ունեցաւ, բայց դարձեալ համաձայնութեան չյանգեցաւ. եւ որովհետեւ կառաարութիւնը սաղիմական մեծ խնդիրով զբաղած էր Եւրոպական տէրութեանց հետ 2655), ընտրութիւնը ետեւ մնաց (ՀԱՍ. 228): Այդ միջոցին օգոստոսին մէջ Հռոմէ հասաւ դոմինիկեան կրօնաւոր Կաուտէ վարդապետը, իբրեւ մասնաւոր քննիչ, որ հազիւ 15 օր Կ. Պօլիս մնաց եւ Հռոմ դառնալով իր տեղեկագիրը մատոյց: Անոր վրայ Հասուն եւ Իլէրօ Հռոմ կոչուեցան, եւ նա սեպտեմբեր 13-ին, իսկ սա հոկտեմբեր 25-ին մեկնեցան: Հասարակութիւնը յոյս ունէր Իլէրօյին վրայ եւ անոր յանձնած էր պապին ուղղած աղերսագիրներ Հասունի դէմ. սակայն Հռոմի ստիպման վրայ Իլէրօ եւս պարտաւորեցաւ իր պնդումէն ետ կենալ, եւ անցածին վրայ չի խօսելով հաշտութիւն գոյացնել Հասունի հետ (ՀԱՍ. 229-230): Նոյեմբեր 1-ին կառավարութեան կողմէ ընտրութեան նոր հրահանգ եկաւ, խորհրդակցութիւններ եղան, եւ վարչութեան Հասունեան անդամներ պնդեցին Եիւզիւքճեանը եւ մանաւանդ Նահապետեանը ընտրելիներու ցուցակէն ջնջել, եւ փոխանակ դնելԴանիէլ Պօտուրեանը Անտոնեաններէն եւ Պետրոս Թիլքեանը Քօլէճեաններէն, բայց այս տալ հակառակութեան հանդիպեցաւ, եւ որովհետեւ նոյեմբեր 12-ին ընտրողական ընդհանուր ժողով հրաւիրուած էր, 11-ին յանձնախումբին կողմէ մեծամասնութեամբ աղերսագիր տրուեցաւ կայսեր: Այսուհանդերձ նոյեմբեր 12-ին ժողովը եղաւ, եւ պետական պաշտօնեան յանձնարարեց, որ վերջին անգամ փոփոխուած չորսերու ցանկին վրայ ոչ թէ քուէարկութիւն ըլլայ, այլ վիճակի թողուի, եւ երբ որ այդ ընդունելի չեղաւ, այն ատեն դէմ-դիմաց խնդիրի նիւթ տուող Եիւզիւքճեան եւ Նահապետեան, Պօտուրեան եւ Թիլքեան մէկդի թողուեցան, եւ տարաձայնութեան առիթ չտուող Պօյնուէյրեան եւ Կակոնեանի վրայ վիճակ նետուեցաւ, եւ վիճակ Կակոնեանի ելաւ: Ընտրութեան արձանագրութիւնը կազմուեցաւ, ընտրութիւնը հաստատուեցաւ, եւ Կակոնեան Նիկողայոս վարդապետ, Անտոնեան միաբան, նոյեմբեր 16-ին կառավարութեան եւ կայսեր ներկայացաւ եւ կաթոլիկներու ազգապետ պատրիարքութեան աթոռը բազմեցաւ: Հասունեանք գոհ մնացին Կակոնեանի ընտրուելէն, զի նոյնիսկ չորս Անտոնեաններու մէջէն խնդիրներու չմիջամտող եւ միայն հոգեւորական զբաղմանց հետեւող մէկն էր եւ Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւնը կը վարէր: Բայց շուտով զգացին թէ նա իրենց կ՚արծարծէն շատ հեռու էր երբ իմացան թէ փոխանորդ ընտրած է Նահապետեանը, ուսկից այնչափ կը վախնային, եւ ատենադպիր` Գազանճեան Սուքիաս վարդապետը (ՀԱՍ. 231-239): Հասուն Կ. Պոլիս չէր ընտրութեան միջոցին, իրեններն ալ ստիպուած էին ինքզինքնին չափաւորել, ուստի Կակոնեան կրցաւ իր գործակիցներուն ձեռամբ ազգապետարանի նախնական վիճակը վերանորոգել, վարչական ժողովը կանոնաւոր գործունէութեան կոչել, անդամներուն մէջ համաձայնութիւն հաստատել, պարտուց բարձման յանձնաժողով կազմել, դատաստանական խորհուրդ ընտրել, եկեղեցիներու եւ յատկապէս Ս. Յակոբ հիւանդանոցին աշխարհականներէ առնուած հոգարբարձութիւններ կազմել, ազգային կանոնագիրը վերակազմելու յանձնախումբ ընտրել, մէկ խօսքով խաղաղ կացութիւն մը եւ կանոնաւոր վարչութիւն մը երեւան եկաւ, բայց հազիւ թէ երկու երեք ամիս տեւեց (ՀԱՍ. 239-243):

2667. ՀՌՈՄԻ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԻՒՆԸ

Հասուն Հռոմի մէջ յաջողած էր պապական ատեանը իր կողմը յանկուցանել, եւ Իլէրօն ալ չէզօքութեան ստիպել, ուստի աւելի իր ընթացքին մէջ քաջալերուած, եւ Կակոնեանի ընթացքը խանգարել ուզելով հրահանգ կը ղրկէ Յովսէփ Առաքելեան եպիսկոպոսին, զոր տեղապահ թողած էր Կ. Պոլիս, նորէն գործի ձեռնարկել եւ խնդիրներ յուզել: Ըստ այսմ Առաքելեան 1853 փետրուար 10-ին երեքշաբթի օր, Կակոնեանը եւ Նահապետեանը տեսակցութեան հրաւիրելով, մասնաւոր ժողովակի մէջ կը սկսի դիտողութիւններ ընել թէ ազգապետարանը իր իրաւասութենէն դուրս կ՚ելլէ, թէ եկեղեցեաց եւ հիւանդանոցի եւ աղքատանոցի մատակարարութիւնները հոգեւորական իշխանութեան կը պատկանին, թէ կտակաց հաստատութիւնը եկեղեցական գործ է, թէ առանց եպիսկոպոսարանի հարցնելու կարգադրութիւններ կ՚ընէ (ՀԱՍ. 244): Կակոնեան բռնութեամբ հանդարտ եւ վէճերէ հեռու պահ մը կը լռէ. բայց Նահապետեան անդստին կաթոլիկ պատրիարքութեան հաստատութենէն սկսելով պատմական եւ կանոնական կերպով գործերը կը բացատրէ եւ կը պարզէ եւ Առաքելեանը կը լռեցնէ, սակայն վէճերու դուռը բացուած էր, եւ ահա փետրուար 24-ին երեքշաբթի օր Հասուն եւ Իլէրօ Կ. Պոլիս կը հասնին: Հասարակութիւնը շփոոթած անմիջապէս բողոք մը կը պատրաստէ թէ ասկէ ետեւ զինքն իրենց հովիւ եւ առաջնորդ չեն ճանչեր, եւ 24-էն 25 գիշերը Հասունին կը հասցնեն, եւ 25-ին օրինակը տպագրութեան կը ցրուեն (ՀԱՍ. 255-257): Հասուն եւ Իլէրօ ալ մէկ մէկ յայտարարութիւններ կը ցրուեն ժողովուրդին մէջ խնդիրին փակումը ծանուցանելու: Հասուն իր տուած համառօտ բացատրութեամբ կըսէ, իբր թէ ինքն միայն Մխիթարեանց մէմօրիային չափաւոր պատասխան մը տալու դիտաւորութիւնն ունեցեր է, բայց խմբագրողը իրեեն բոլորովին անծանօթ եւ առաջինէն տարբեր շարադրութիւն հրատարակեր է, որով ինքն նոյն գիրքին հեղինակ պէտք չէ ըսուի: Իսկ Իլէօ բաւական ընդարձակ յայտարարութեամբ մը (ՀԱՍ. 248-254), եւ ճարտար դարձուածներով զգացնել կուտայ, թէ իր ըրած ջանքն ու ճիգը պատշաճ եւ վայելուչ բան մը ըլլալուն, ամենեւին մէկը չկրնար ուրանալ, բայց փրոփականտայի պաշտօնեաներէն ոմանք նախապաշարել հակամիտեցին ի կողմն գերապայծառ Հասունի, եւ թէ պապին կողմէ փրոփականտայի ատենապետը, որ էր Աղէքսանդր Պառնապօ, իրենց հաշտութեան ճանպան առաջարկեց, որուն ինքն ալ ստիպուեցաւ համակերպիլ: Այս յայտարարութեններէն ետքը մի առ մի կը ցրէ իրեն մասին եղած ամբաստանութիւնները, եւ կը յարէ թէ Հռոմ ալ ընդունած է իր արդարացումները: Հասունին յայտարարութիւնը աւելի գրգռիչ եղաւ, եւ մինչեւ իսկ փետրուար 28-ին, բուն բարեկանդանի նախընթաց օրը Յիսուս փրկիչ եկեղեցւոյ աւանդատան մէջ զայն պատառողներ ալ եղան, որուն վրայ վարչութեան Հասունեան փոքրամասնութիւնը գործը չափազանցելով տեղեկագիր մը պատրաստեցին եւ խաբկանօք հիւանդ ազգապետին կնքել տուին, սակայն մեծամասնութիւնը թէ բերանացի եւ թէ գրաւոր յայտարարութեամբ խնդիրը կառավարութեան պարզեցին մարտ 2-ին, իսկ 3-ին հասարակութեան կողմէն նոր աղերսագիր տրուեցաւ որպէսզի զիրենք Հասունի ձեռքէն ազատէ: Եւ որովհետեւ յայտարարութիւնը պատռող 14 անձերուն պատիժ պիտի տրամադրուէր, իբր 400 հոգիներ մարտ 4-ին ներկայացան իբր կամակիցներ միասին պատժուելու, որուն վրայ կառավարութեան կողմէ հրաման եղաւ Հասունի եւ Ամբրոսիոս ու Պօղոս Մաղաքեաներու որ եկեղեցեաց մէջ շատ չերեւան մինչեւ որ խնդիրը քննուի: Հասուն Գաղղիոյ դեսպանատան դիմեց, եւ դեսպանատունն ալ արտաքին գործոց նախարարին, որ Հասունը կոչելով խստիւ յանդիմանեց, օտար տէրութեան դիմելուն համար (ՀԱՍ. 261): Հասուն փոխանակ հանդարտելու խաժամուժը կը գրգռէ եւ կը զինէ եւ անոնց վստահելով մարտ 8-ին Ղալաթիոյ եկեղեցին կիջնէ, կը պատարագէ, բայց իր հաւաքածներէն զատ մարդ չի գտներ, եւ կարծեցեալ յաղթանակով Բերա կը դառնայ (ՀԱՍ. 264): Այստեղ պահ մը դադար կու տանք չարամատեանին հասարակութեան մէջ հանած շփոթներուն պատմութեանը, եւ կ՚անցնինք Մխիթարեան միաբանութեան ներքին անցուդարձերը պատմել:

2668. ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՑ ԸՆԹԱՑՔԸ

Մխիթարեանք մեծապէս զգածուեցան չարամատեանին հրատարակութենէն, եւ Հռոմի կողմէն իրենց աննպաստ որոշման մը վախով, մեծամասնութեամբ զիջողութեանց, եւ մինչեւ իսկ ստորնութեանց կողմը գտնուեցան, իրենց առաջնորդ եւ ուղեցոյց ունենալով Հիւրմիւզեան աբբահօր տկար եւ կորովէ զուրկ վարչականութիւնը: Իրաւ չէին պակսեր Մխիթարեանց հին հոգւոյն հետեւողներ, բայց ցրուած էին եւ աստեւանդ առաձինն մնացած, եւ գործունեայ դեր մը ստանձնելու անկարող կը գտնուէին: Միայն Փարիզի Մուրատեան վարժարանին տեսչութեան վրայ գտնուող երեք վարդապետներ, Սարգիս Թէոդորոսեան վերատեսուչ, Գաբրիէլ Այվազեան դաստիարակ, եւ Ամբրոսիոս Գալֆայեան ուսուցիչ (ԹՈԴ. 190) ընդդիմադիր դեր մը ստանձնեցին, եւ այդ իրենց ընթացքին առիթ ընծայեց Մխիթարեանց կողմէ պարսաւագիրքին տրուած պատասխանը, որ նոյնպէս նոր պատուագիրք անունով կոչուեցաւ (ՊԷՐ. 367, ԹՈԴ. Գ. 153): Հեղանակն էր Արսէն վարդապետ Կոմիտասեան (ՊԷՐ. 367) կամ Անթիմոսեան (ԹՈԴ. 166), որ է նոյն ինքն Բագրատունին, որ այս ազգանունը իւրացուցած է Բրգնիկցի ծագում ունենալուն համար, բայց որչափ ալ անկէ յօրինեալ, սակայն գրեթէ կերպարանափոխ եղեալ է ի Գերապայծառէն մերոյ, այսինքն Հիւրմիւզեան աբբահայրէն, ինչպէս տպարանապետը կը վկայէ (ԹՈԴ. Գ. 151): Գրութիւնը ոչ միայն ծաղրածու եւ գռեհիկ լեզուով գրուած էր, կարծես Հասունի պարսաւագիրքին հետ մրցելով, այլ որ եւսն է, անոր մէջ գրեթէ ամէն թերթին մէջ հերձուածող, հերետիկոս եւ մոլորեալ ածականները կրկնուած են Հայոց համար: Հրատարակութիւնը Ընդդիմախօսութիւն եւ Ջատագովութիւն կոչուած է հաւասարապէս (ԹՈԴ. 150-153), եւ 150 էջէ հատոր մըն է, որ երբ Հայ ժողովուրդի մէջ երեւցաւ 1852 հոկտեմբեր 10-ին (ՊԷՐ. 574), մեծ շշուկ եւ աղմուկ հանեց. վասնզի մինչեւ այն ատեն այնպէս համարուած էր, թէ Աբբայեան հարք ջատագով եւ պաշտպան են Հայաստանեայց եկեղեցւոյ (ՊԷՐ. 368): Նոյն հրատարակութենէն առաջ ամէն համակրութիւն եւ ձեռնտուութիւն եւ նպաստ կընծայուէր անոնց, բայց այժմ ծանեան ամենեքին զի եւ նոքա ոչինչ ընդհատ ի Քօլէճեանց, կամ ոչ պակաս քան զնոսին ոխերիմ թշնամի են Հայաստանեայց եկեղեցւոյն: Նոյն հրատարակութեան մէջ Համազգեաց ընկերութիւնն ալ դատապարտուած էր, զի Մինասեան Պետրոս վարդապետի մասնակցութիւնը արդարացնելու համար ըսուած էր, թէ կանոնագիրին աշխատած էր, որպէսզի ալ գէշագոյն բան մը չընեն երիտասարդները (ԹՈԴ. Գ. 165), իբր թէ արդէն գէշ գործ մը գեշագոյն չդառնար: Ըսուած էր նաեւ թէ Հիւրմիւզեան արդէն հաւատոյ դաւանութեան յայտարարութիւն մը կազմած էր Հայոց եկեղեցին դատարապտելու իմաստով, եւ իր միաբաններուն ստորագրել տալով ներկայացած էր Հռոմի փրոփականտային, եւ այս բոլոր պարագաները մեծ զայրոյթ պատճառեցին Հայ ազգին մէջ, եւ ձեռնթափ եղան անոնց պաշտպանութեան աշխատելէ, ինչ որ նապընթաց պարագաներու մէջ զանց ըրած չէին, եւ ազգային լրագիրներն ալ սկսան մեղադրական յօդուածներ հրատարակել Մխիթարեանց մասին, եւ ամբողջ հատոր մըն ալ հրապարակ ելաւ Մատթէոս պատրիարքէ գրուած (ՀԱՆ. ): Մխիթարեանց կողմէ ելած ջատագովական հրատարակութիւնը փութաջան աճապարանքի արդիւնք էր, օտար մինչեւ այդ ատեններ իրենց հետեւած ճամբէն, մանաւանդ որ նոյնիսկ լատին եպիսկոպոս Իլէրօ, արդէն գործը ձեռք առած էր, եւ իր կղերէն Վուչինօյի խնդիրը պարզելով Մխիթարեաններն ալ պաշտպանած կ՚ըլլար, եւ Քօլէճեանց մոլեռանդութիւնը երեւան հանելով Մխիթարեանները պիտի արդարացներ 2665): Բայց Հիւրմիւզեանի ընթացքը օտար էր այդ խոհական դատողութենէն, եւ հապճեպ յայտարարութիւններով միաբանութիւնը վտանգէ ազատելու խորհուրդը կը փայփայէր. զի մենք ալ կը դժուարինք կարեւորութիւն տալ ժողովրդական զրոյցներու, իբր թէ փրոփականտան շահելով Հասունը պաշտօնանկ ընել տալու, եւ անոր յաջորդ անուանուելու գաղափարը ունեցած ըլլայ (ՊԷՐ. 368), զի այդչափ յետսամտութիւն չենք կրնար ենթադրել իր վրայ, թէպէտ իր տկարամտութեան գործերը մեղադրեցինք:

2669. ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Մխիթարեանց մէջ չէին պակսեր ստուգիւ գործը տարբեր տեսակէտէ նկատողներ, սակայն ոչ կրցան Հիւրմիւզեանի ազդեցութեան ընդդիմնալ եւ ոչ համաձայնութեամբ ոյժ մը կազմել: Կ. Պոլիս գտնւողներ Հասունեանց հանած աղմուկէն շւարած, եւ Ս. Ղազարու վանքը գտնուողներ աբբահօր իշխանութենէն կաշկադուած, յայտնի գործակիցներ իսկ եղան Հիւրմիւզեանի, եւ միայն Փարիզ գտնուող երեքներն եղան, որոնք դիմադրութեան համարձակեցան, երեքին մէջն ալ գլուխ գտնուողը Սարգիս Թէոդորեան վարդապետն էր: Թէոդորեան, որդի հայադաւան Թորոսեան Սահակի, ծնած է Բաղէշ, 1783 Զատիկ օրը, որ հանդիպած է ապրիլ 16-ին, եւ այս պատճառով Յարութիւն կոչուած, 12 տարեկան դերձակութեան աշակերտ կը մտնէ, քիչ ետքը հայրն ու եղբայրը ու քոյրը ժանտախտէ կը մեռնին, մայրը կրկին կ՚ամուսնանայ եւ ինքն իր հօրեղբօր խնամոց ներքեւ կը մնայ: Իր հանւոյն եղբօրորդւոյ Սերվեան Սահակ քահանայի ձեռքով հռոմէականութեան կը հրապուրուի, եւ Մխիթարեանց անունէն գրաւուած Կ. Պոլիս կու գայ 1803-ին, եւ թէպէտ տարիքով մեծ այլ պատշաճ միջնորդութեամբ եւ յարատեւ հետեւողութեամբ կ՚ընդունուի 1805-ին, 1809-ին քահանայական ձեռնադրութիւն կ՚ընդունի Ադոնց աբբայէն Սարգիս անունով, եւ 1810-ին աշակերտական շրջանը կը լրացնէ 27 տարեկան, վարդապետական աստիճան կը ստանայ 1816 յունուարին, որ տարին Վենետիկ կու գայ Աղեքսանդր Ռափայէլեան Ղարամեանց Եդուարդի որդին, որ առաջին անգամ յղացեր էր վարժարան մը հիմնելու գաղափարը 1785-ին, եւ գործը յանձնած էր սեպտեմբեր 10-ի նամակով Թրիեստի Մխիթարեանց խումբէն Նիկողայոս Բուզայեան եւ Պօղոս Մէհէրեան վարդապետներուն (ԹՈԴ. Ա. 28-33), բայց որդին Աղեքսանդր Ղարամեան հօրը կամքին գործադրութիւնը նախ յապաղեց եւ ապա զլացաւ, եւ երկու վարդապետներն ալ Վենետիկի միաբանութեան վերադառնալով իրենց իրաւունքները փոխանցեցին յԱբբայն միաբանութեան եւ ի յաջորդս նորին (ԹՈԴ. Ա. 46): Վարժարանի հիմնարկութեան խնդիրը առկախ կը մնար, երբ Սամուէլ Մկրտիչ Մուրատեան, որ փեսայացեալ էր Եդուարդին (ԹՈԴ. Ա. 51), մտածեց ինքն իր արդեամբ իրականացնել աներոջ նպատակը, եւ 1816-ին իր կտակին վեցերորդ յօդուածով կտակեց 150, 000 հուն գումար մը, որ է 525, 000 ռուփի կամ 1, 400, 000 Ֆրանք, եւ անոր հետ ողորմութեանց հաշւոյն գլխուն մնացորդ գումարը, որ ըստ խորհրդոյ եւ միջնորդութեան Վենետիկի Հայոց միանձանց, միացեալ գումարներուն շահին համեմատութեամբ Հայոց ազգէն որբ եւ աղքատ մանկունք ասացեալ դպրատանն ձրիապէս ուսումն եւ լեզուք ուսանեն: Մուրատեան Սամուէլ իր կտակէն ետքը ոչ եւս յերկարակեաց լեալ, 1816 ապրիլ 20-ին կը վախճանի եւ սեպտեմբեր 25-ին իր Եդուարդ եւ Յովհաննէս որդիքը հօրերնուն կամքն ու կտակը Վենետիկի աբբահօր կը հաղորդեն (ԹՈԴ. Ա. 69), եւ իրենց առաջարկութեան վրայ Սուքիաս Սոմալեան եւ Սարգիս Թէոդորեան վարդապետներ 1817 յունիս 18-ին Հնդկաստան կը յղուին (ԹՈԴ. Ա. 74), բայց ձեռնունայն Եւրոպա կը դառնան 1820 մայիս 18-ին, Մուրատեան եղբարց ալ միտքը փոխուելուն վրայ: Նոր բանակցութիւնք եւ փոփոխակի առաջարկութիւնք եւ բացատրութիւնք կը շարունակեն, մինչեւ որ հարկ կը լինի Թէոդորեանի վերստին ուղեւորիլ ի Հնդկաստան, եւ 1824 մարտ 27-ին Վենետիկէ մեկնելով (ԹՈԴ. Ա. 164) սեպտեմբեր 24-ին կը հասնի Մատրաս, ուր կը լսէ Ստեփանոս Ադոնցի աբբահօր մահը, եւ Սուքիաս Սամուէլեանի յաջորդելը 2477): Երկար աշխատութիւններէ ետքը Մուրատեան ժառանգներ, այսինքն Սամուէլի այրին Աննա եւ երկու զաւակները Եդուարդ եւ Յովհաննէս իրաւախոհութեան կու գան Թէոդորեանի հետ, եւ 1828 մարտ 28-ին գրութիւնները կը փոխանակուին (ԹՈԴ. Ա. 215): Կտակին արդիւնքը կը հաշուուի 198, 323 հուն տոկոս չհաշուելով, այլ 150, 000 կտակին վրայ աւելցնելով կտակողին մահուան պահուն ողորմութեանց հաշւոյն ներքեւ գտնուող 48, 323 հունը, որուն փոխարէն 12 կտոր պարտամուրհակներ կը յանձնեն ժառանգորդները յաջորդաբար գանձելի: Իրաւախոհութեան պայմանագիրին մէջ նշանակելի է երկրորդ յօդուածը, ուր կըսուի թէ ըստ խորհրդոյ եւ միջնորդութեան բացատրութիւնները չեն որոշ եւ ճիշդ, ուստի այժմ համաձայնութեամբ կ՚որոշեն յանձնել միանգամայն միաբանութեան Վենետկոյ զվերոյիշեալ բովանդակ դրամն. . . եւ թողուլ զամենայն ինչ անոր փորձառութեան սակս ամենայնի որ պատկանի եթէ կառուցման, եթէ կառավարութեան, եթէ խնամակալութեան, եթէ ապահովութեան եւ եթէ մշտնջենաւոր հաստատութեան դպրատանն եւ ամենայն կալուածոյ եւ ստացուածոյ նորա, յամենայնի եւ ըստ ամենայն մասանց (ԹՈԴ. Ա. 218). Իսկ ժառանգորդներուն կը յանձնուի ազատութեան յայտարարութիւն մը, եւ բոլոր գիրերը 1828 հոկտեմբեր 28-ին աբբային եւ ամբողջ միաբանութեան ստորագրութեամբ կը վաւերացուին: Իրաւախոհութենէն ետքը գանձումն ալ երկար ձգձգմանց եւ դարձուդարձից, դատաստաններու եւ դատավճիռներու ասպարէզ կը բանայ, գումարներու թէ գլխուն եւ թէ տոկոսի կողմէն, եւ հազիւ Թեոդորեան ամէն գործ վերջացնելով 1835 փետրուար 7-ին Մատրասէ կը մեկնի, եւ հոկտեմբեր 28-ին կը հասնի Պատաւիոն, որ է Բատուա քաղաք Իտալիոյ, ուր 1832-ին բացուած էր Մուրատեան վարժարանը, եւ նոյեմբեր 2-ին կը մտնէ Ս. Ղազարու վանքը փառաւոր եւ եռանդուն ընդունելութեամբ պատուուած (ԹՈԴ. Ա. 639), վերջին մեկնելէն տասն եւ կէս տարի ետքը:

2670. ԹԷՈԴՈՐԵԱՆ ԵՒ ՀԻՒՐՄԻՒԶԵԱՆ

Մուրատեան կտակի արդիւնաւորութենէն ետքը Ռափայէլ Ղարամեանի կտակին խնդիրն ալ կարգադրուեցաւ, Ռափայէլեան վարժարանը բացուեցաւ Վենետիկի մէջ 1836-ին Թէոդորեանի տեսչութեամբ (ԹՈԴ. Բ. 8) եւ 1838-ին Մուրատեանի տեսչութիւնն ալ անոր յանձնուեցաւ (ԹՈԴ. Բ. 38): Նոր խնդիր մըն ալ ծագեցաւ Մուրատեան վարժարանի համարատուութեան համար, եւ աւստրիական պետութիւնն ալ այդ պահանջին մասնակցեցաւ, եւ Մխիթարեանք այդ բեռէն ազատելու համար Վարժարանը Փարիզ փոխադրեցին 1846-ին (ԹՈԴ. Բ. 178), ուր եւ մնաց հակառակ Գրիգոր ԺԶ. պապին կողմէ տրուած Բատուա դարձնելու հրամանին (ԹՈԴ. Բ 180): Միեւնոյն 1846 տարւոյ յուլիս 2-ին Գէորգ վարդապետ Հիւրմիւզեան յաջորդ ընտրուած էր վախճանեալ Սուքիաս Սոմալեան աբբահոր, եւ Թէոդորեան ալ աթոռակալ, որ է աբբայական փոխանորդ, առանց լքանելու վարժարանաց տեսչութեան պաշտօնները, որոնց աւելի քան պաշտօնակալ, իսկապէս հիմնադիր ըմբռնուած էր, զի նա էր որ 1817-է մինչեւ 1835 անխոնջ եւ քրտնաջան աշխատութեամբ եւ վշտակիր յարատեւութեամբ արդիւնաւորաված էր Մուրատեան կտակը, եւ անկէ ետքն ալ շարունակած էր նոր դժուարութեանց յաղթելու, եւ Ռափայէլեան կտակն ալ կենդանացնելու, այնպէս որ առանց իրեն երկու վարժարանները գոյութիւն ունեցած պիտի չըլլային: Արդէն 1829 յունուար 30-ի պաշտօնագիրով միաբանութեան աբբայն ու տնօրէն ժողովը իրեն հրամայած էին ձեռնթափ լինել գործին հետեւելէ, եւ գանձուած մասնակի գումարն իսկ ետ տալ եւ Վենետիկ դառնալ (ԹՈԴ. Ա. 396-400): Բայց Թէոդորեան առանց վհատելու շարունակած էր իր աշխատութիւնները, եւ իրաւամբ կրնար պարծենալ թէ իր անձնական արդեանց հետեւանքն էին երկու վարժարանները եւ Մխիթարեանց ձեռքն անցած յաջողութիւններն ու ստացութիւնները: Թէոդորեան այդ արժանաւորութեանց փաստին վրայ պարտաւորութեանց հարկ մըն ալ կը զգար իր վրայ, զի ինքն առաջի կտակարարի, առաջի կտակակատարներուն, եւ առաջի հանրային խիղճին երաշխաւոր կանգնած էր հաւատարիմ գործադրութեան Սամուէլի կտակին, որ անխտիր հայ տղաք կրթալու համար էր թողուած առանց դաւանութեան տարբերութեան, մինչեւ Հիւրմիւզեան քաղաքականութիւնը Հռոմի պահանջներուն առջեւ ստորնանալով, յանձնառու եղած էր հայադաւան եղողները, որպիսի ոք էին Մուրատեան եւ Ռափայէլեան կտակողներն ալ կատակակատարներն ալ իբր հերետիկոս եւ հերձուածող եւ մոլորեալ հռչակել, եւ միանգամայն Մուրատեան վարժարանը Հռոմ փոխադրել պապին անմիջական հսկողութեան ներքեւ դնելու համար, հայադաւանները կտակին վայելումէն զրկել, եւ լոկ հռոմէադաւան սաներ ընդունիլ (ԹՈԴ. Գ. 35): Դժբախտաբար ինքն Թէոդորեան եղած էր որ իր ուղղամտութեան վստահելով, կտակին բնագիր անորոշ բացատրութիւնները, որ Մխիթարեանց բացարձակ իշխանութիւն չէին տար, իրաւախոհական պայմանագրութեան երկրորդ յօդուածով Մխիթարեանց բացարձակ տիրապետութեան էր փոխարկած, եւ ամէն հսկողութւն հեռացուցած 2669): Թէպէտեւ օրինական խնդիր է թէ կտակի կատարման իրաւունք ունեցողներ կրնաflն արդեօք վաւերապէս կտակի փոփոխութեան իրաւունքն ալ վայելել կամ թէ կտակի մը գործադրութեան յանձնառու եղողներ կրնաflն անոր պայմանները այլայլել եւ մաքուր խղճով արդիւնքը վայելել: Հարկաւ ինքն Թէոդորեան ալ ուշաբերուած է իր միամտաբար կատարած գործադրութեան վրայ երբոր Մխիթարեանց բացարձակ տիրապետութեան պայմանը իր դէմ ալ գործածուեցաւ, եւ գուցէ այդ ուշաբերութեան հետեւանքն էր վարժարանը Փարիզ փոխադրելուն առթիւ կազմուած նոր իրաւախոհութեան մը ծրագիրը (ԹՈԴ, Գ, 609), որ սակայն չլրացաւ, եւ ոչ ալ նեղ ժամանակի մէջ Յովհաննէս Մուրատեանի կամքին դիմումը հիմնական արդիւնք մը ունեցաւ, եւ Թէոդորեան իր աշխատութեան վրայ ուրախանալու մխիթարութենէն իսկ զրկուեցաւ: Բայց մենք եղելութեանց կարգին դառնանք:

  2671. ԹԷՈԴՈՐԵԱՆԻ ՎՏԱՐՈՒՄԸ

Հիւրմիւզեան աբբահօր եւ իրեն կամակիցներուն բռնած ուղղութեան դէմ Թէոդորեանի դժգոհութիւնները, միաբանական շրջանակին մէջ մնացէր էին, եւ իրենց մասնաւոր թղթակցութեանց մէջ փակուած էին, մինչեւ առաջին պարսաւագիրքին երեւան գալը Հայոց մէջ 2668): Բայց երբ Մխիթարեանց իսկական ընթացքը հրապարակ ելաւ հայադաւան եկեղեցին անարգելովնին եւ Մուրատեան վարժարանին իսկութիւնը այլայլելովնին, Թէոդորեանի եւ իր երկու համախոհներուն դիտողութիւններն ալ ստիպուեցան հրապարակ ելլել: Զմիւռնիոյ Արշալոյս Արարատեան լրագիրի մէջ, 1852 հոկտեմբեր 10-ին երեւցած Մխիթարեանց մասին մեղադրական յօդուածը, պատեհ առիթը ընծայեց, եւ Գաբրիէլ վարդապետ Այվազեանի ստորագրութեամբ եւ նոյեմբեր 7 թուականով պատասխան մը երեւցաւ նոյն լրագիրի վրայ, որով կը յայտարարուէր թէ Վենետիկէ ելած պարսաւագիրքը պէտք է միայնոյ անունը ծածկող հեղինակին եւ ոչ բովանդակ միաբանութեան վերագրեալ (ԹՈԴ. Գ. 159-160): Հաւանաբար այդ բանը գրողն ալ իր գրածին չէր հաւատար, զի Մխիթարեանց տպարանին մէջ Մխիթարեանց մասին տպագրուած անանուն գիրք մը չէր կրնար միայնոյ անձի մը կողմէ հրատարակութիւն սեպուիլ, բայց Թէոդորան եւ ընկերք ուրիշ ձեւ մը չունէին գտած միաբանութիւնը արդարացնելու: Յօդուածը Հայր Գաբրիէլ Այվազեան ստորագրութիւնը կը կրէր, որ չէր ուզած իր անունով հրապարակ իջնել, իսկ Այվազեան վարդապետը հարազատ եղբայրն էր հռչակաւոր ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի 2591), հայադաւան ծնած, Մխիթարեանց աշակերտելով հռոմէականութեան անցած եւ նոյն միաբանութեան անդամակցած, եւ զարգացեալ եւ կարող եւ արդիւնաւոր Մխիթարեաններէն մին եղած: Այդ նամակին հրատարակուելուն վրայ փոխադարձ վէճ մը սկսաւ Փարիզի երեք Մխիթարեաններուն եւ Ս. Ղազարու Կ. Պոլիս գտնուող Մխիթարեաններուն միջեւ, այս վերջինները պնդելով թէ այն հրատարակութիւնը ոչ թէ մէկ անձի այլ միաբանութեան գործն է, որով զնախատինս զԸնդդիմախօսութեան զամենայն միաբանութեամբն իբրեւ զհանդերձ փառաց արկեալ կ՚ըլլային եւ միանգամայն զանմիաբանութեան միաբանիցն հաւաստիքը կու տային (ԹՈԴ. Գ. 168): Իբրեւ առաջին գործնական քայլ մը դեկտեմբեր 19-ին Այվազեան հրաման ստացաւ Վենետիկ դառնալ, որուն համամտութեամբ ընդդիմացան Փարիզի երեքները դեկտեմբեր 31-ի գրութեամբ (ԹՈԴ. Գ. 186-190): Գործը աւելի զայրացաւ երբ միաբանութեան կողմէ 1853-ին սկիզբները նոր յայտարարութիւն մը տրուեցաւ պապին կատարեալ դաւանական խոստովանութեամբ, որուն մէջ տասը յօդուածներով կը կրկնուէին հայադաւանութեան եւ Համազգեացին եւ վարժարանի աշակերտութեանց եւ ուրիշ կէտերուն վրայ արդէն յայտնուած ձախող տեսութիւնները: Այդ յայտարարութիւնը կը զուգադիպէր փրոփականտայի կողմէ Մխիթարեանց խնդիրը փակելու պարագային, որուն վրայ Հասուն եւ Իլէրօ Հռոմի մէջ հաշտուելով միասին Կ. Պոլիս դարձան 2667): Իսկ Մխիթարեանց յայտարարութիւնը 1854 փետրուար 2-ի պապական կոնդակով հրատարակութեան ալ տրուեցաւ (ԹՈԴ. Գ. 23): Փարիզի երեքները պնդեցին իրենց տեսութեանց վրայ եւ յայտարարութիւնը քննադատեցին եւ հայր Ղեւոնդ Ալիշան զիրենք համոզելու ղրկուեցաւ, բայց նա ալ պահ մը անոնց հետ միացաւ եւ անոնց հետ ստորագրեց, թէպէտ Վենետիկ դառնալէն ետքը նորէն Հիւրմիւզեանի ուղղութիւնը կը պաշտպանէր: Փարիզի արքեպիսկոպոսն եւ ոստիկանապետն ալ Հռոմի խնդրանօք վարժարանը Հռոմ փոխադրելու առաջարկը կրկնեցին, բայց չպնդեցին, եւ Մուրատեան Յովհաննէսի կամքը իբրեւ փաստ գործածուեցաւ տեղափոխութիւնը արգիլելու: Եդուարդ արքեպիսկոպոս Հիւրմիւզեան, աբբահօր եղբայրը Հռոմէ Փարիզ գալով Այվազեանը համոզեց վարժարանէն ելլել, որպէսզի միաբանութիւնը չվտանգուի, ինչպէս որ գործադրուեցաւ ալ 1854 օգոստոսին (ԹՈԴ. Գ. 392), եւ Այվազեան ելաւ մասնաւոր տուն մը հիւրընկալուիլ Փարիզի մէջ: Բայց անհամաձայնութիւնները չէին վերջանար, եւ Հիւրմիւզեան աբբահայր կ՚որոշէ Թէոդորեանն ու Գալֆայեանը վարժարանէն վտարել, որ վարժարանը Հռոմ փոխադրելու եւ հռոմէականացնելու գործը յաջողի, եւ այս նպատակով անձամբ Փարիզ կու գայ 1855 մարտ 10-ին: Հազիւ թէ նպատակը կը յայտնուի Թէոդորեան եւ Գալֆայեան կը պահանջեն որ իրենք 18 ամիս եւս մնան, մինչեւ որ դասարանի մը ընթացքը լրացնեն (ԹՈԴ. Գ. 473), աշակերտներ կը խլրտին, Փարիզի արքեպիսկոպոսին եւ պապական նուիրակին միջամտութեանց դիմում կ՚ըլլայ, Գալֆայեանի անմիջապէս մեկնելուն պահանջ կը յարուցուի, գաղղիական ոստիկանութեան եւ օսմանեան դեսպանատան ալ դիմումներ կը կատարուին, եւ երբ այդ միջոցներ արդիւնք չեն ունենար, Հիւրմիւզեան 1855 ապրիլ 14-ին պաշտօնագիրներով բացարձակապէս կը հրամայէ Թէոդորեանի եւ Գալֆայեանի պաշտօնական հաշիւները ութ օրէն յանձնել եւ Վենետիկ դառնալ, եւ հրամանին գործադրութեան համար կը դիմէ դատական ատեանին եւ Փարիզի արքեպիսկոպոսին, քաղաքական եւ հոգեւորական իշխանութիւններով ստիպելու համար, եւ իրօք 1855 մայիս 11-ին գաղղիական դատարանէն վերջնական վճիռ կը տրուի որ Թէոդորեան եւ Գալֆայեան վարժարանէն ելնեն, քանի որ վարժարանին տէրը միաբանութիւնն է, եւ իրենց ներկայութիւնը խռովութեանց առիթ կու տայ: Իսկոյն վճիռը կը գործադրուի, աշակերտներու բողոքը ոստիկան զինուորներով կը զսպուի, Թէոդորեան եւ Գալֆայեան դատարանէն դառնալով վարժարանի դուռները իրենց դիմաց փակուած կը գտնեն, իրենց սենեակները դարբինի ձեռքով կը բացուին, եւ զինուորական հսկողութեամբ իրենց ինչքերը կը յանձնուին, եւ նոյն երեկոյ վարժարանէն դուրս կը գիշերեն, եւ վերատեսչութիւնը կը յանձնուի Ռափայէլ Թրեանց վարդապետի (ԹՈԴ. Գ, 538-548): Բայց շփոթ վիճակը կը շարունակէ, 15 թոշակաւոր աշակերտներ հարուստներու զաւակներ վարժարանէն կ՚ելնեն, Այվազեան որ կանուխէն ելած էր, վերջին ելնող երկուքներուն հետ կը միանայ, եւ Վենետկոյ Մխիթարեան միաբանութենէն բաժնուելով նոր գործունէութեան ասպարէզ կը կազմեն, Մասեաց Աղաւնի ամսագիր մը հիմնելով, եւ Հայկազեան Վարժարան մըն ալ բանալով Փարիզի մէջ:

2672. ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Պարբերական հրատարակութեան գործը գրական մասնաւոր ձեռնարկ մը ըլլալուն, զանց կ՚ընենք անով զբաղիլ, բայց քանի մը տեղեկութիւններ պէտք է տանք Հայկազնեան Վարժարանին վրայ: Մուրատեան վարժարանէ արտաքսեալ երեք վարդապետներէն երկուքը, Թէոդորեան եւ Գալֆայեան, իբրեւ վարժարանին Հռոմ փոխադրուելուն եւ հռոմէականաց յատկանալուն հակառակորդներ, Հռոմի Հրամանով Փարիզի արքեպիսկոպոսարանի կողմէն կախակայեալ, այսինքն եկեղեցական պաշտամունքէ արգիլեալ հռչակուած էին, իսկ Այվազեան իբրեւ կանուխէն հեռացած եւ կամովին բաժնուած ազատ էր այս արգելքէն: Նոյնպէս առաջի երկուքը իբրեւ գաղղիական դատարանէ դատապարտութիւն կրած, վարժարանական տեսչութեան եւ դաստիարակութեան իրաւունքներէ զրկելու կը նկատուէին, Այվազեանն ալ անոնց ընկերակից դարձած էր, ուստի պարտաւորուեցան վարժարանի իրաւունք ունեցող գաղղիացիի մը անունով բանալ Հայկազնեան Վարժարանը, 1855 օգոստոսին, վճիռէն եւ վտարումէն երեք ամիս ետքը 2670), միայն 12 աշակերտներով, որոնք Մուրատեանէ հրաժարողներ էին: Քանի որ Մուրատեան վարժարանի խնդիրը Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայադաւան աշակերտաց շուրջի կը դառնար, նոր վարժարանը բացողներ լիայոյս էին թէ հայ ազգութենէ առատ եւ յօժար օժանդակութիւն պիտի գտնային, բայց անագան սկսան ժողովել զմանուկս յուսում լեզուագիտութեան եւ բնական գիտութեանց (ՊԷՐ. 369): Նոր վարժարանը մրցակից պիտի հանդիսանար Մուրատեանին, եւ Մխիթարեան միաբանութիւն եւ Հռոմի պապութիւն եւ Փարիզի արքեպիսկոպոսարան համամիտ գործակցութեամբ ամէն տեսակ դժուարութիւններ կը յարուցանեն Հայկազնեան վարժարանին բացուելուն, իսկ Թէոդորեան եւ ընկերք 1855 յունիս 6-ին Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանին կը դիմեն օգնութիւն եւ պաշտպանութիւն ապահովելու, եւ Յակոբոս պատրիարքը եւ ամիրայական ժողովը կը յորդորեն Մխիթարեանց ձեռքէն հանել Մուրատեան կտակին գործածութիւնը, որ ընդհանուր ազգին որբոց եւ աղքատաց սահմանուած է կտակողին կամքով, մինչեւ այժմ փոքրամասնութեան մը միայն կը յատկացուի Հռոմի կամքով եւ Մխիթարեանց համակերպութեամբ: Պատրիարքարանը նկատողութեան կ՚առնէ նամակին պարունակութիւնը, եւ յուլիս 5-ի նամակով գոհունակութիւն կը յայտնէ եղած առաջարկին, ոչ առանց զարմանք յայտնելու թէ քառասուն տարուընէ ի վեր, որ կտակը եղած է, այս առաջին անգամ է որ վաւերական գրութեամբ կը հաղորդուի իրեննց ազգային իրաւունքը, որով հաղորդողներ գոհ պէտք չէ ըլլան այս տարժամ յայտարարութեամբ ինքզինքնին անպարտ համարել այսուհետեւ (ԹՈԴ. Դ. 9): Ասով մէկտեղ գործը հետապնդելու հրահանգ կը տրուի Կրճիկեանի, որ պետական պաշտօնով Փարիզ կը գտնուէր, գործը ուսումնասիրելու եւ հետաօզտելու, եւ նա իր կողմէն Մելիքեան ճարտարապետը Լոնտրա կը յղէ: Սակայն խնդիրը գործողութեանց արգելք կը լինի, Կ. Պոլիս գումար հասցնելու դժուարութիւն կը զգայ, եւ Փարիզ ինքզինքը միջոցներէ զուրկ կը գտնէ, եւ հազիւ թէ Պօղոս Տատեան վառօդապետ Փարիզ գտնուելով նախնական պատրաստութիւնները կը հոգայ (ԹՈԴ. Դ. 11): Հայկազեան վարժարանը բացողներ տեսնալով գործին կաղնիկաղ ընթացքը բերանացի բանակցութեանց համար Գալֆայեանը ճամբայ կը հանեն, ու 1856 ապրիլին կը հասնի Կ. Պոլիս (ՎԴՁ, Ա. 17), եւ խորհրդակցութեան կը մտնէ պատրիարքին եւ աւագանւոյն հետ (ԹՈԴ. Դ. 17):

2673. ՎԵՐԱԴԱՐՁ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱՑ

Նոր եւ բարձր վարժարան մը հիմնել առանց կտակի կամ բարերարութեան կամ դրամագլուխի ապահով միջոցներ ունենալու, այլ լոկ առձեռն նպաստներու եւ ենթադրական թոշակներու վրայ հիմնուելով, այն ալ հեռաւոր Եւրոպիոյ մէջ, ստո'յգ որ յախուռն բերմամբ ձեռնարկուելու գործ մը չէր: Այս կէտին վրայ աւելցուի որ հիմնարկու ներկայացողներ ոչ միջոցներու տէր անձեր էին, եւ ոչ կշռուած նախապատրաստութեամբ գործի սկսողներ, այլ հակառակութեանց առջեւ ընկճուած, աւելի կիրքէ քան թէ ձիրքէ մղուած երեք եկեղեցականներ, որոնք ազգային մարմինին հետ հաղորդակցութիւն եւ կապակցութիւն ալ չունէին, այլ իրենց միաբանութենէն հեռացած, հռոմէականութեան դէմ հակառակած, տակաւին հռոմէական եկեղեցականի կերպարանը չէին մերկացած, եւ Փարիզի լատին եպիսկոպոսարանին պաշտպանութիւնը կը փնտռէին: Այդ կէտերը լուրջ նկատողութեանց եւ դէմընդդէմ կարծեաց առիթներ ընծայեցին վարժարանին վարիչներուն եւ ազգային մեծամեծներու միջեւ, եւ Գալֆայեան համոզուեցաւ թէ առանց համարձակ եւ յատուկ որոշման մը յաջողութիւն յուսալ աւելորդ էր, եւ պէտք էր ուղղակի Հայ Եկեղեցւոյ գիրկը վերադառնալ եւ հայ հայրապետութեան եւ պատրիարքութեան հպատակելու որոշման յանգիլ: Իր տեսութիւնը կը հաղորդէ Փարիզ եղող ընկելներուն, երկուքն ալ հայադաւան եկեղեցւոյ աւազանէն վերածնուած անձեր 2669, 2671), որոնք իրենց որոշման մէջ վարանում չէին զգար, եւ մայիս թուականով Յակոբոս պատրիարքի ուղղուած եւ մայիս 18 թուականով Ներսէս կաթողիկոսի ուղղուած նամակներով Հայաստանեայց եկեղեցւոյ վարդապետութեանց եւ իշխանութեան հպատակելնին կը յայտնեն եւ գիրերը Գալֆայեանին կը հասցնեն որ իրեն ստորագրութիւնն ալ աւելցնելով Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան յանձնէ: Պատրիարք ու մեծամեծաց ժողովը խնդութեամբ ստացան իրեն յանձնուած երկու յայտարարութիւնները, եւ քաջալերուեցան Հայկազնեան վարժարանի պաշտպանութեան ձեռնարկել, մէկ մէկ օրհնութեան կոնդակ յանձնուեցաւ երեք վարդապետներուն, կաթողիկոսին ուղղուած գիրը յանձնարարականով հասցէին յղուեցաւ (ԹՈԴ. Դ. 21), Հայկազնեան վարժարանին համար խնամակալաց ժողով մըն ալ կազմուեցաւ Պետրոս Խօրասանճեան ամիրայի նախագահութեամբ, աշակերտներ հաւաքելու հետամուտ եղաւ, եւ 40 հատ ընտրուեցան փոքրներ եւ չափահասներ խառն, եւ 16, 000 Ֆրանքի գումար մըն ալ առձեռն յանձնուեցաւ Գալֆայեանի, եւ վարժարանի գոյացած պարտքին մնացորդ 30, 000 ֆրանքն ալ փութով հասցնելու խոստումով Գալֆայեան Փարիզ դարձաւ, 1856 օգոստոսին (ԹՈԴ. Դ. 33): Ներսէս կաթողիկոս ալ մեծ խնդութեամբ ստացաւ վերադարձողներուն յայտարարութիւնը, եւ հետամուտ եղաւ աղբիւր ինչ օժանդակութեան ի հաստատութիւն վարժարանի նոցա անդ գտանել, եւ Ներսէսի հնարագէտ միտքն եւ եռանդուն հոգին գտանէր զայն անշուշտ եթէ ամ մի եւս կացեալ էր ի կենդանութեան իւրում (ԹՈԴ. Դ. 27): Վերադարձող վարդապետներ իրենց առած քայլին բացատրութեան եւ ջատագովութեան համար յատուկ հրատարակութիւն մըն ալ պատրաստելով ազգին մէջ ցրուեցին (ՎԴՁ. Ա. 39-53), որով իրենց հանդէպ համակրութիւնն ալ աւելցաւ: Մեծ էին ակնկալութիւնները, այլ մեծ չեղան արդիւնքները, թէպէտ ձախորդութիւնն չենք կրնար որոշ միակ պատճառի մը վերագրել: Եթէ Ներսէսի արագահոս վախճանը ռուսահայոց կողմէ սպասուած օգնութիւնը արգիլեց, Կ. Պոլսոյ մէջ ալ մէկէ աւելի խնդիրներ կը յուզուէին, եւ նոյնիսկ տեղական հաստատութիւններ դրամական դժուարութեանց մատնուած էին: Յակոբոս պատրիարքի կը պակսէր այլեւս ժրութիւն եւ ազդեցութիւն, իսկ Կ. Պոլսոյ մեծամեծներ աւելի քաղաքավարի խօսքերով եւ մեծամեծ խոստումներով կ՚առատանային քան փութաջան եւ արդիւնաւոր գործունէութեամբ, ինչպէս լաւ դիտեր էր Ասլանեան Ստեփան բժշկապետ: Գործի գլուխ կեցող վարդապետներէն ամէնքն ալ Թէոդորեանի ջլապինդ բնոյթը չունէին, եւ այդ մասին Թէոդորեան ինքն ալ գանգատներ յայտնած է իր պատմութեան մէջ: Այվազեան Գաբրիէլ վարդապետ լքում զգաց, երբ մէկ կողմէն միջոցներու անձկութեամբ կը նեղուէր, եւ միւս կողմանէ Կ. Պոլիսէ եկած հասակաւոր աշակերիներու ընթացքը կը տեսնէր, որոնք դպրոցական կարգապահութեանց ըմբոստ ազատ կեանքի հովեր կ՚առնէին: Իր եղբարն ալ ծովանկարիչ Այվազովսքին զայն կը յորդորէր Ռուսաստան դառնալ եւ ռուսահայոց օժանդակութեամբ այնտեղ վարժարան բանալ, միանգամայն Էջմիածնի մէջ եպիսկոպոսութեան եւ առաջնորդութեան աստիճաններով փայլելու հեռապատկերը կը ցոլացնէր: Փարիզի ռուսական դեսպանն ալ նոյն միտքերը կը թելադրէր, Փարիզի վարժարանով գաղղիական ազդեցութեան աճումը արգիլելու նպատակով: Ահա պատճառները, որոնցմէ յորդորուած Գաբրիէլ վարդապետ Այվազեան, որ յայսմհետէ մականունին Այվազովսքի ձեւը սովորական դարձուց, երկու տարի Հայկազնեան վարժարանի աշխատելէ ետքը ընկերներէն կը բաժնուէր, 1857 մայիսին Ռուսաստան կ՚անցնէր, եւ Կաֆա կամ Թէոդոսիա եղբօրը մօտ կը հաստատուէր, Թէոդորեանի կը խոստանար Կ. Պոլիսէ անցնելով նպաստի առաքումը փութացնել տալ, բայց չէր յաջողեր միշտ նոյն պատճառներով: Այվազովսկի Փարիզէ չմեկնած 1857 մայիս 5 թուականով Ուրուագիծ ոգւոյ եւ ընթացից Մխիթարեան միաբանութեան Վենետկոյ գրքույկը հրապարակ կը հանէր, եւ Մխիթարեանց Մխիթարի ոգիէն օտարանալուն փաստով իրենց ալ Մխիթարեաններէ հեռանալը կը ջատագովէր, աւելի ընդարձակ կերպով քան ինչ որ առաջին հրատարակութեամբ ըրած էին (ՎԴԾ. Ա. 39-53):

2674. ՆԵՐՍԷՍԻ ՎԵՐՋԻՆ ԳՈՐԾԵՐ

Արդէն հասած կը գտնուինք Ներսէս կաթողիկոսի մահուան թուականին, որուն գործունէութեան ամփոփումը տուած ենք արդէն: Անոր կեանքին վերջին մասն ալ միեւնոյն ձեւն ու կերպարանն ունի ինչ որ առաջին ժամանակները ունեցաւ, այնպէս որ նոր աւելցնելիք նկարագիր մը չենք գտնար նոր միջադէպներուն կարգին: Իրաւանց պաշտպանութեան վերջին գործերէն մին եղաւ Սերոբէ Արարատեան եպիսկոպոսի թողօնին մասին ըրածը: Աստրախանի ժողովուրդը բողոքեր էր թէ եկեղեցական հասոյթներուն արդիւնքը իր անունով պետական դրամատան է յանձներ, եւ Սարգիս Ջալալեան քննիչ էր ղրկուած: Բայց Ջալալեանի հասնելուն Արարատեան արդէն մեռած էր եւ գործը ուղղելու ատեն չէր. ուստի Արարատեանի հռոմէադաւան ազգականները Պօլօժէնիէի հիմամբ 2530) խնդիր յարուցին եւ իբր ժառանգներ դրամատան գումարը իւրացնել ջանացին, եւ պետական պաշտպանութիւն ալ հրաւիրեցին բայց Ներսէս մինչեւ իր մահը ընդդիմացաւ պնդելով թէ ինչպէս քննութիւնը ցոյց է տուել Սերովբէն եկեղեցիների փողերն է իրեն սեպհականացրել ապօրինաբար, եւ թէ կուսակրօններու թողօնին մասին կաթողիկոսարանը արդէն բողոքած է Կարբեցիի օրէն սկսելով, եւ խնդիրը չէ վճռուած: Այդ մասին իրեն հաղորդուած էր թէ քանի մը յօդուածներու մասին փոփոխութիւն առաջարկելէ լաւագոյն էր ամբողջ կանոնագրութեան մասին դիտողութիւններ եւ փոփոխութիւններ առաջարկել, եւ Ներսէս ալ մասնաժողովի մը ձեռքով ամբողջ կանոնագրութեան մը ծրագիրը պատրաստել տուած էր, զոր սակայն չէր հաւանած, եւ ինքն ուրիշ մը ծրագրած էր: Բայց մտադիր էր նաեւ այդ նոր ծրագիրը հմուտ եկեղեցականներու եւ աշխարհականներու ժողովի մը քննութենէն անցունել, եւ անկէ ետքը Ռուսաց տէրութեան ներկայել, ինչ որ տեղի չունեցաւ վաղահաս մահուանը պատճառով (ՅՆՁ. 55):

2675. ՆԵՐՍԷՍԻ ՄԱՀԸ

Յիշելու պարագայ մըն է եւս Խաչատուր Լազարեանի խաղացած խաղը, որուն Ներսէսի հետ թշնամանալուն պարագաները բացատրած ենք իր կարգին: Նիկողայոս Ա. ի յաջորդող Աղեքսանդր Բ. կայսեր թագադրութիւնը պիտի կատարուէր 1856 օգոստ. 18-ին, եւ կաթողիկոսն ալ պէտք էր հրաւիրուէր ըստ օրինի: Խաչատուր Լազարեան մտերիմներու ձեռքով աշխատեցաւ Ներսէսը այդ պատիւէն զրկել, եւ հրաւէրը այնպէս գրուեցաւ, որ ներկայացուցիչ մը ղրկէր, գուցէ խոր ծերութիւնը պատրուակ գործածուեցաւ: Ներսէս զգածուեցաւ, Սարգիս Ջալալեան եպիսկոպոսը ներկայացուցիչ նշանակեց, բայց միանգամայն իր մտերիմներէն Օրլովի եւ Վորոնցովի առանձինն գրեց եւ խնդրեց պարզել իր կասկածը, որ մի' գուցէ կայսեր կամքով եղած լինի իւր ներկայ չլինելը: Երկուքն ալ պատասխանեցին թէ կասկածի տեղի չկայ, թէ թագաւոր կայսրը ափսոսացել է որ այսպէս է տնօրինուել, եւ թէ նոր կառավարչապետ Իշխան Բարիատենսքի ունի կայսրից ձեզ բերելու հաճոյական յանձնարարութիւն: Այդ յանձնարարութիւնը եղած կ՚ըլլայ կայսերական ողջոյնի հետ Ս. Անդրէի մեծ շքանշանը, եւ Բարիատենսքին հազիւ Տփղիս հասած 1857 փետրուարին Ներսէսի կ՚այցելէ, եւ միւս օր Ներսէս փոխադարձ գնում է նորան այցելել: Մի քանի օրից յետոյ փետրուար 12-ին Բարիատենսքին դարձեալ հրաւիրում է Ներսէսին իւր մօտ, եւ առաձինն տեսակցութիւն կ՚ունենան: Նոյն գիշերը Ներսէս վախճանվում է (04. ԲԱԶ. 422), զի փետրուար 13-ին, իւր 86 տարեկան հասակին, անակնկալ մահը յափշտակեց զինքն Հայաստանեայցս մայրաթոռէն (ՆՐՍ. 24), եւ նոյն առաւօտուն կաթողիկոսին գտնում են վախճանած գրիչը ձեռին, մանաւանդ թէ գրիչը դեռ թաց, եւ մի թուղթ սեղանին վրայ կէսը գրուած, որ Ռուսաց տէրութեան ներքին գործոց պաշտօնէին ուղղուած է եղեր, իսկ նիւթը կաթողիկոսական իրաւունքների համար պաշտպանութիւն, զոր կարդացողներ ալ եղեր են: Ներսէսի անակնկալ մահըը միտքերու մէջ յուզուած է պատճառած, մի' գուցէ դաւաճան ոճիրի մը զոհ գացած ըլլայ, եւ մինչեւ իսկ Ջալալեան եպիսկոպոսի վրայ կասկածներ խօսուած են: Մեզի անհնար է փաստացի կասկած մը յայտնել, զի քննութեամբ վկայուեր է, որ երեկոյեան բոլորովին առողջ է եղել, եւ ոչինչ չէ կերել, բայց միայն կէս նուռ վրան շաքար ցանած, եւ գիշերուան մէջ ինքն իրան ճրագ վառելով սկսել է գրել այն թուղթը, որ կիսատ մնացած էր սեղանի վրայ (ԾԻԼ. Ա. 38): Մանաւանդ թէ կը կարծենք որ առաւօտուն գրիչը ձեռքը գտնուած անխռով եւ խաղաղ գիրքը կասկածները հեռացնելու կը ծառայէ, ուստի եւ Էջմիածնի գործերու հմուտ պատմողներ ալ, պարզապէս կաթուածով վախճանեցաւ կը գրեն (ՄՈՎ. 361): Միւս կողմէն Ներսէս 86 տարեկան էր արդէն, թէպէտ ոչ 96, ինչպէս վաւերական յիշատակներով ճշդուած է (ՃՌԱ. Բ. 142), եւ թէպէտ տակաւին ժիր, բայց չարաչար յօգնած էր, եւ այսպիսի ծերունիներուն համար ցանցառ չէ յանկարծական կերպով կեանքերնին կնքել, իսկ անակնկալ մահերն ալ սովորաբար պատճառաբանութեան կասկածներ կը զարթուցանեն, թէպէտ յաճախ ձրիաբար:

2676. ՆԵՐՍԷՍԻ ԹԱՂՈՒՄԸ

Փետրուար 13-ի առտուն կանուխ, այն տարի Վարդանանց եւ Ղեւոնդեաց տօներուն յաջորդող բարեկենդանի վերջին եօթնեկին չորեքշաբթի առաւօտուն, երբ Տփղիսի բոլոր Հայ եկեղեցիներու զանգակները միահամուռ մահազանգ ղօղանչիւնները սկսան հնչեցնել, յանկարծական սարսուռ մը եւ մելամաղձիկ թախծութիւն մը տիրեց բոլոր քաղաքին վրայ ուրախութեան օրէր սուգի փոխուեցան, եւ ամէն աստիճանէ եւ ազգութենէ մարդիկ ողբացին Ներսէսի կորուստը: Միւս օր հինգշաբթի Տեառընդառաջ եւ մինչեւ 17 բուն բարեկենդանի օրը մարմինը առաջնորդարանին մէջ պահուեցաւ, եւ միայն 18-ին բակլախորանի երկուշաբթին կէսօրէն ետքը Վանքի մայր եկեղեցին տարուեցաւ մեծ հանդէսով, որուն կը հետեւէին փոխարքան եւ եքսարքը, եւ եկեղեցական ու քաղաքական ու զինուորական բարձրաստիճան անձեր, թող անթիւ անհամար բազմութիւնը: Հանդէսին կը նախագահէր Սարգիս Ջալալեան եպիսկոպոսը, որ միշտ Ներսէսի հետ էր, զի Տփղիս սեփական թեմակալ չունէր. Ներսէս տարւոյն մեծ մասը հոն կ՚անցունէր, եւ վիճակային գործերն ալ կը հոգար, իսկ Էջմիածնի մէջ կաթողիկոսի բացակայութեան սինոդի նախանդամ Ղուկաս արքեպիսկոպոս Մաստարացին, Արագածունի ալ կոչուած, տեղակալութիւն կը վարէր, եւ ներքին կացութեան կը հսկէր (ՄՈՎ. 360): Գոյժը սինոդականներուն հաղորդուած էր եւ Տփղիս կը սպասուէին, բայց հազիւ 23-ին հասան վեց սինոդական եպիսկոպոսներ, որով հանգուցեալ կաթողիկոսի մարմինը երեք օր ալ եկեղեցին մնաց, եւ այդ միջոցին արք եւ կանայք, ծերք եւ տղայք, հայք եւ օրթոտոքս, հրեայք եւ մահմետականք առանց տարբերութեան եկեղեցի կը վազէին իւրեանց վերջին համբոյրը տալու: Վերջապէս փետրուար 24-ին մեծ պահոց երկրորդ կիրակի օրը հանդիսաւոր պատարագ մատուցուեցաւ եւ հոգեհանգիստ կատարուեցաւ, եւ կէսօրէն երկու ժամ ետքը յուղարկաւորութեան թափօրը կազմուեցաւ Վանքի եկեղեցիէն մինչեւ քաղաքին երեւանեան դուռնէն դուրս: Թափօրին առջեւէն կ՚երթային 12 հայ հեծեալներ եւ դագաղը տանելու սահմանուած ոսկեզարդ կառքը, սեւ ամպ հովանիով ծածկուած եւ վառ ճրագրներով շրջապատուած, Ներսիսեան դպրոցի աշակերտներ խմբովին կը մասնակցէին իբրեւ դպիր, եւ բազմաթիւ եկեղեցականներ սեւազգեստ, ետեւէն դագաղը եկեղեցականներէն տարուած, որուն կը հետեւէին փոխարքայն անձամբ զինուորական եւ քաղաքական բազմաթիւ հետեւորդներով, ամէն ազգէ մեծամեծներ, եւ ապա բազմութիւն անթիւ ժողովրդոց զանազան ազգաց: Թափորին վերջին ժամադրավայրը կրկին հոգեհանգիստ կատարուեցաւ, դագաղը կառքին մէջ դրուեցաւ, եւ Էջմիածինէ եկող սինոդականներու հսկողութեամբ փամբայ ելաւ, եւ արագ ընթացքով երկու օրէն Էջմիածին հասաւ փետրուար 26-ին: Միւս օր 27-ին, չորեքշաբթի, մարմնոյն օծումը շքեղաշուք հանդիսիւ կատարուելէն յետոյ թաղուեցաւ վանքի գաւթիս աջակողմը, Դանիէլ կաթողիկոսի շիրմին մօտը: Սինհոդոսը փութաց ամէն կողմ գոյժը հաղորդել, եւ ամէն եկեղեցիներու մէջ հանգստեան պաշտօններ հրամայել, եւ կաթողիկոսին անունը պատարագի մէջ իբր հանգուցեալ յիշատակութիւն հրահանգել: Իսկ յաջորդին ընտրութեան համար, որովհետեւ Պօլօժէնիէի նշանակած տարեւոր միջոցը (ՊՕԼ. 3) ձմեռուան կը հանդիպէր, յարմար տեսնուեցաւ ընտրութիւնը յետաձգել 1858 մայիսին Հոգեգալուստի շաբթուն: Աթոռոյ պարապութեան միջոցին տեղակալութիւնն ալ, նոյնպէս Պօլօժէնիէի կարգադրութեամբ (ՊՕԼ. 8) առանց յատուկ ընտրութեան, վիճակեցաւ սինոդի նախանդամին, Մաստարացի որ եւ Արագածունի Ղուկաս արքեպիսկոպոսի:

2677. ՆԵՐՍԷՍԻ ԱՐԺԱՆԻՔԸ

Ներսէս Աշտարակեցիի անունը հրապարակի վրայ տեսանք առաջին անգամ իր վարդապետին Դանիէլ Սումառեցիի հետ Զմիւռնիա գալուն առթիւ 1796-ին 2257), եւ այն թուականէն յետոյ մինչեւ 1857, 61 տարի շարունակ գործունեայ ասպարէզին վրայ մնաց նա անընդհատ շարունակութեամբ եւ անխոնջ ժրութեամբ, զի 86 տարեկան յառաջացնեալ եւ ծանրացեալ տարիքին մէջ ալ կանոնաւոր աշխատութեան վրայ էր, եւ մինչեւ մահուան նախընթաց օրը պաշտօնական գործերով կը զբաղէր: Ներսէսի գործունէութիւնը երկար տեւողութեանը հետ այլազանութեանց առաւելութիւնն ալ ունեցաւ իր մէջ, զի գրեթէ չմնաց միջավայր մը որուն մէջ գործած չըլլայ, եկեղեցականէն մինչեւ զինուորականը, ուսումնականէն մինչեւ քաղաքագիտականը, խաղաղականէն մինչեւ խաղմականը պալատականէն մինչեւ ռազմականը, բայց ոչ մէկին մէջ յետնեալ երեւցաւ, եւ ամէն տեղ դիրքին պահանջած գործիչը եղաւ, եւ միշտ հնարաւոր յաջողութեամբ եւ պատուաւոր յաջողականութեամբ ձեռնարկներուն մէջէն ելաւ: Այս ըսելով բնաւ յաւակնութիւն չունինք կարծելու թէ որեւէ թերութիւն ունեցած չէ, կամ թէ երբեք մեղադրանաց ենթարկուած չէ. զի գիտենք թէ որչափ մէկ մը գործունէութեանց մէջ կ՚ընդարձակուի, եւ արդիւնաւորութեամբ կը պսակուի, այնչափ աւելի մախացողներու եւ վնասուողներու լուտանաց կ՚ենթարկուի: Ներսէս ալ ունեցաւ իր նախանձոտները, եւ առաւելօք ունեցաւ իրմէ վնասուողները, քանի որ բուռն պայքար մղեց աղիմակի գործողներու, զեղծում ընողներու, ապօրինի վարուողներու, հանրութիւնը խաբողներու, եւ օրէնքի անսաստողներու դէմ, որոնց ամէնքն ալ հարկաւ իրենց ձգտումներուն եւ իրենց շահերուն թշնմաի պիտի նկատէին իրենց դէմ արգելք հանող անձը: Բայց ասոնց ամէնն ալ ուրիշ բան չկրցան ըսել, բայց եթէ բնաւորութիւնը խծբծել, կերպերը մեղադրել, չափազանցութիւններ վերագրել, ձեռնարկները քննադատել, բայց չկրցան ոչ անիրաւութիւն մը հաստատել, ոչ շահադիտական հոգի ենթադրել, եւ ոչ հանրութեան բարին անձնականին զոհած ըսել: Նոյնպէս անտեղութեանց եւ զեղծմանց ընդհանուր տիրապետութեան դէմ պայքարի մտած ըլլալով, չէր կրնար մեղմ միջոցներով գործել, եւ բուռն միջոցներու պէտք ունէր, որոնց պէտք է խոստովանիլ թէ ձգտումներն ալ շատ յարմարութիւն ունէին, եւ պէտքն ու բնոյթը ձեռք ձեռքի տալով կազմեցին Աշտարակեցին, տեսակին մէջ առանձնայատուկ անհատ մը, գործերու էութեան տեսակէտէն գերազանց եւ գնահատելի, իսկ պարագայից ըողմէն թերեւս չափազանց եւ քննադատելի, սակայն ամէն առթի մէջ իր ուղիղ մտադրութեան համաձայն, եւ իր բարձր նպատակին օգտակար: Այնպէս որ կրնանք առանց վարանման յայտարարել, թէ իր ժամանակին ամենամեծ ազգային դէմքը հանդիսացաւ, հայութեան համար պատրաստուած իսկական օգուտներու շարժառիթը ճանչցուեցաւ, եւ ազգային կեանքին դէպի լաւն յեղաշրջման գլխաւոր ազդակն եղաւ: Այս տեսակ անձնաւորութիւններ, երբոր իսկական արդիւնքներով եւ իրական արժանիքներով կը ներկայանան, անպէտք խծբծանք կ՚ըլլայ, անոնց մասին մանր պարագաներու եւ աննշանակ հանգամանքներու դիտողութեանց մտնել: Ներսէսի արտաքին երեւոյթին մասին մեզի հասած կենդանագիրներ եւ նկարագիրներ կը ներկայէն զայն կազմուածով փոքր ու չոր մայր աթոռոյ հայրապետական գահին շրջափակին մէջ ծածկելու չափ, ջղուտ եւ ջղայնոտ եւ դիւրագրգիռ, անկքելի եւ բուռն, բայց միշտ իր անձին եւ իր կրից ու զգացմանց տէր, որուն մեծ հասատիքը տեսնուեցաւ Բեսարաբիոյ աքսորական վիճակին մէջ 2568): Այն համբաւը զոր վայելեց իր կենդանութեան տարիներուն մէջ, այն համակրական զգացումը, որով հայրապետական գահ բարձրացաւ, այն ընդհանուր հռչակը զոր մահուանէ ետեւ ալ վայելեց եւ կը վայելէ, բաւական են արդարացնել մեր տեսութիւնները զորս անկաշկանդ բացատրել խիղճի պարտաւորութիւն սեպեցինք:

2678. ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱԹՈՌԸ

Կաթողիկոսութեան յաջորդին ընտրութիւնը պատմելու չանցած, պէտք կը զգանք ամփոփել ինչ որ աթոռոյ պարապութեան 15 ամիսներուն մէջ գործուեցաւ եւ ինչ որ Ներսէսի կաթողիկոսութեան միջոցին ազգային մասնաւոր շրջանակներու մէջ տեղի ունեցաւ: Կիլիկիոյ եւ Աղթամարի կաթողիկոսութեանց մասին, դարձեալ ընդարձակ եւ կատարեալ տեղեկութիւններ չունենալնիս պիտի յայտարարենք, որչափ ալ կարեւոր եւ հետաքրքրական պիտի ըլլար այդ մասնաւոր աթոռներու ներքին կացութիւնը լիապէս ուսումնասիրել, եւ պարտաւորեալ հատուկտորներով պիտի գոհանանք: Վերջին անգամներ յիշատակեցինք թէ երիտասարդն Եփրեմ Բ. Աջապահեանց եօթներորդը, 1823-ին աթոռ բարձրանալով 1833-ին վախճանած էր 2475), եւ թէ անոր յաջորդը Յովհաննէս Է. Աջապահեանց ութերորդը, Եփրեմի յաջորդելով պաշտօնավարած էր մինչեւ 1846 2563): Յովհաննէսի յաջորդեց Միքայէլ Բ. Աջապահեանց իններորդը, որ այն աստիճան անբարեկարգութեան կը հասցնէ աթոռին եւ թեմերուն վիճակը եւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնները, որ Կ, Պոլսոյ պատրիարքութիւնը հարկ կը տեսնէ միջամտել Կիլիկիոյ ներքին գործերուն, եւ կ՚արգիլէ ինքնագլուխ ձեռնադրութիւններ ընել, եւ Միքայէլ կը ստիպուի եւ 1850 մայիս 8-ին սէնէտ կը գրէ թէ ասկէ ետեւ եպիսկոպոս չպիտի ձեռնադրէ, առանց գիտութեան պատրիարքի եւ հոգեւոր ժողովոյն պատրիարքարանի (ԻԶՄ. 481): Այս պայմանին համաձայն Այնթապի վիճակայինք 1851-ին Կ. Պոլիս կը դիմեն իրենց առաջնորդ Գրիգոր վարդապետի ձեռնադրութեանը համար, եւ Հոգեւոր ժողովը 1851 սեպտեմբեր 6-ին դեռ արժանի չի դատեր շուտով հրահանգիր տալ (ԻԶՄ. 483): Եւ ոչ այսչափ միայն, այլ Հոգեւոր եւ Գերագոյն ժողովները համաձայնութեամբ Կիլիկիոյ աթոռին համար կանոնադրութիւն մը կը խմբագրէին, եւ զայն գործադրել տալու համար Ղուկաս Աջապահեան եպիսկոպոսը փոխանորդ անուանելով Կ. Պոլիսէ ճամբայ կը հանեն, իրեն օգնական տալով Վանեցի Մկրտիչ Խրիմեան վարժապետը, արդէն 31 տարեկան եռանդուն երիտասարդը: Ղուկաս եպիսկոպոս թէպէտ Աջապահեանց ազգատոհմէն, բայց Կ. Պոլիս մնացած եւ մայրաքաղաքի վարժարաններն ալ յաճախած կեդրոնին ծանօթ դէմք մըն էր եւ վստահութիւն կը ներշնչէր: Պատուիրակներ Սիս հասնելով 1851 նոյեմբեր 24-ին ժողով կը գումարեն, որուն մէջ Միքայէլ եւ ժողովականներ ստորագրութեամբ եւ կնիքով կ՚ընդունին կանոնադրութիւնը: Բայց յետ տասն աւուր Միքայէլ կը մոռանայ կամ կ՚անարգէ տուած ստորագրութիւնը, եւ դարձեալ իր անկանոն ընթացքը կը շրարունակ: Խրիմեան թրթռուն գրիչով կը նկարագրէ Կիլիկիոյ վիճակին եւ վիճակայնոց եւ Սիսի աթոռին եւ կաթողիկէին անկեալ վիճակը (ԻԶՄ, 486 406), եւ Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանը 1852 յուլիս 2-ին սաստիկ յանդիմանական գիրեր կ՚ուղղէ Միքայէլի, որ պահ մը սթափած կ՚երեւի եւ 1853 յունուարին Պէհէսնիի առաջնորդ Սրապիոն վարդապետի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեանը համար Կ. Պոլիսէ հրամանագիր կը սպասէ (ԻԶՄ. 500): Բայց իր վերջին օրերը հասած էին, նոյն տարին կը մեռնի եւ իրեն կը յաջորդէ Կիրակոս Բ., Աջապահեանց տասներորդը (ՍԻՍ. 219, եւ 06. ՕՐԱ. 334), որ է նոյն ինքն Վերոյիշեալ Ղուկաս եպիսկոպոսը, որ օծմանը առթիւ այդ անունը կ՚առնէր: Սա էր որ Կիլիկիոյ աթոռին վրայ կը գտնուէր Ներսէսի մահուան տարին, եւ մինչեւ 1865 պաշտօնը շարունակեց, իսկ իրեն մասին առաջիկային կը թողունք խօսիլ:

2679. ԱՂԹԱՄԱՐԻ ԱԹՈՌԸ

Աղթամարի աթոռին վրայ կը գտնուէր Յովհաննէս Շատախցին Կարբեցիի մահուան թուականին, բայց յաջորդ 1843-ին ինքն ալ կը վախճանէր 2563), եւ Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանը բարեպատեհ առիթ կը կարծէ Աղթամարայ աթոռը խափանել, որուն կարեւորութիւնն իսկ տարակուսելի էր, ուստի ամէն օրինաւոր միջոց ի գործ կը դնէ որ այլեւս կաթողիկոսի ընտրութիւն չկատարուի, եւ Մահմուտ խանի ալ կը գրէ որ նոր կաթողիկոսի նստեցնելու համար չօգնէ: Սակայն Մոկացի Խաչատուր եպիսկոպոս միաբանակիցներու խորհուրդով եւ Մահմուտի պաշտպանութեամբ կաթողիկոս կը հռչակուի եւ կ՚օծուի (ԻԶՄ. 311) նոյն 1843 տարւոյ վերջերը (ԶԱՄ. Բ. 150), կամ 1844 տարւոյ սկիզբները (06. ՕՐԱ. 335): Պատրիարքարանը կը զինուի կատարուած գործողութեան դէմ եւ արքունական հրամանով Խաչատուր կ՚աքսորուի Նիկոպոլիս, որ է Շապինգարահիսար կամ Գարահիսարը Շարքի, եւ կաթողիկոսական վիճակը կը վարէ Վանայ առաջնորդ Գաբրիէլ եպիսկոպոս: Խաչատուր կայսերական ընդհանուր ներողութենէն կ՚օգտուի աքսորէն դառնալու քանի մը տարի հոն մնալէն ետքը, բայց պաշտօն չի կրնար վարել, այնպէս որ 1848 նոյեմբեր 9-ին Ախթամարայ վիճակայիններուն համար Կ. Պոլիսէ միւռոն կը պահանջուի, զի 16 տարիէ ի վեր միւռոն չէր օրհնուած (ԻԶՄ. 313), եւ 1850 նոյնեմբեր 16-ի ալ քահանայ ձեռնադրելու համար իսկ արտօնութիւն կը խնդրուի: Վերջապէս 1851 յուլիս 16-ին նամակով Խաչատուրի մահը կը ծանուցուի պատրիարքարան, եւ կաթողիկոս ընտրելու արտօնութիւն կը խնդրուի, յայտնելով որ եթէ կաթողիկոս չդրուի մեծ շփոթութիւն կը ծագի ժողովրդոց մէջ (ԻԶՄ. 317): Հոգեւոր ժողովը 1951 յուլիս 28-ին ընտրութեան կը հաճի, եւ 1843-ի որոշումը կը փոխէ, բայց Գրագոյն ժողովը գործադրութիւնը կը յապաղէ եւ կը պահանջէ որ նախ շփոթութիւններ եւ կրօնափոխութեան սպառնալիքներ դադրին եւ միանգամայն Աղթամարի եւ Վանի կողմեր գտնուող եպիսկոպոսներու ցուցակը իրեն յղուի: Ըստ այսմ 1851 օգոստոս 7-ի նիստին կը ներկայացուի եօթը ընտրելի եպիսկոպոսներու ցուցակը, որոնք են Գաբրիէլ Վանայ, Մկրտիչ Բաղէշի, Յարութիւն Կտուցի եւ Մարգար Խիզանի առաջնորդներ, եւ Կարապետ եւ Մարգար Կտուցի եւ Պետրոս Աղթամարի միաբաններ: Ժողովը կը հաւանի ընտրութեան վերջին վեցերուն, միայն Գաբրիէլը դուրս ձգելով, իբր զի Էջմիածնի եպիսկոպոս ըլլալուն իրաւունք չունի Աղթամարայ կաթողիկոսութեան (ԻԶՄ. 318-323):

2680. ԱՂԹԱՄԱՐԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ

Հակառակ այդ որոշումին, Աղթամարի միաբաններէն եւ թեմական քահանաներէն եւ աշխարհականներէն կազմուած ժողովը իր ընտրութիւնը կը կեդրոնացնէ Գաբրիէլ եպիսկոպոսին վրայ, եւ Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանը ուր ուրեմն զիջողութեան հարկ կը տեսնէ, առաջ 1851 հոկտեմբերին Աղթամարի վիճակը Վանայ առաջնորդին կը յանձնէ, եւ յետոյ դեկտեմբեր 14-ին անոր կաթողիկոս օծուելուն կը հաւանի, եւ երբ մէկ կողմէն կայսերական հրովարտակ առնելով կ՚աշխատի, 1852 յունուար 31-ին Ներսէս կաթողիկոսին կը դիմէ անոր ալ հաւանութիւնը ստանալու: Պատրաստութեանց հետ մէկտեղ կանոնագիր մըն ալ կ՚ուսումնասիրէ ի պէտս բարեկարգութեան մեծի տանն Աղթամարայ, որ սովորական վարչական ձեւերէն դուրս նորութիւն չէր պարունակեր: Կանոնագիրը կը հաստատուի 1852 յունիս 6-ին, եւ քիչ օր ետքը կը ստացուի Ներսէս կաթողիկոսի յունիս 16-ի կոնդակը (ԻԶՄ. 340-358), որով կ՚ընդդիմանայ Գաբրիէլի կաթողիկոս օծուելուն, եւ երկարօրէն բացատրութիւններով կը յանդիմանէ Կ. Պոլսոյ պատրիարքն ու ժողովները որ կամակատար եղեալ խաժամուժին Աղթամարայ եւ խորհրդականին նոցա Գաբրիէլ եպիսկոպոսին Վանայ, իրենց սկզբունքն ալ կը փոխեն եւ եկեղեցական օրէնքները կ՚անարգեն: Գաբրիէլ ալ կ՚ազդուի եւ օծումէն կը հրաժարի, բայց իբրեւ տեղապահ կը կառավարէ Աղթամարը մինչեւ 1856, եւ անկէ յետոյ բոլորովին կը քաշուի եւ Վանայ առաջնորդութեան մէջ կ՚ամփոփուի, եւ Աղթամարայ միաբանններէն Յակոբ Խիզանցի վարդապետը իբր առաջնորդ կը սկսի Աղթամարը կառավարել: Բայց Աղթամարցիք միշտ կաթողիկոս ունենալ կը հետապնդեն եւ երեք վարդապետներ եւ քանի մը աշխարհականներ Կ. Պոլիս կու գան եւ պատրիարքարան կը դիմեն կրկին եւ կրկին, մինչեւ որ 1857 հոկտեմբեր 10-ին Սարգիս Ադրիանուպոլսեցի եպիսկոպոսը պատրիարքարանի կողմէն կ՚առաջարկուի, զի Սիս ձեռնադրուած ըլլալով Մայրաթոռոյ խնդիրի տեղի չէր տրուեր: Ասով մէկտեղ կ՚որոշեն օծումը յետաձգել մինչեւ որ ընտրուի Մայրաթոռոյ յաջորդը: Ասով գործը կ՚երկարի եւ 1858 յունուար 3-ին Սարգիսի հրաժարականը կը հասնի: Ասկէ ետքը իբր ընտրելի կը նշանակուի Պետրոս եպիսկոպոս Աղթամարայ միաբան, որ առաջին անգամ ներկայացուած եօթներէն մէկն էր (ԻԶՄ. 322): Վարչական ժողովները այդ որոշումը կը հաստատեն 1858 փետրուար 7-ին, եւ Ընդհանուր ժողովը մարտ 14-ին կը վաւերացնէ կազմուած պայմանագիրը, որուն համեմատ Աղթամարայ կաթողիկոսը Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան կոնդակով պիտի հաստատուի, Էջմիածնայ աթոռին հպատակ պիտի մնայ, առանց Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանին հաւանութեան եպիսկոպոս պիտի չձեռնադրէ, Էջմիածնայ կաթողիկոսին անունը պիտի յիշատակէ, եւ ինքնագլուխ քահանայական եւ աբեղայական ձեռնադրութիւն ալ պիտի չկատարէ: Վերջապէս կ՚որոշուի եւս որ Աղթամարայ նոր կաթողիկոսի օծումը կատարուի Մայր աթոռոյ կաթողիկոսին օծումէն ետքը (ԻԶՄ. 413) - Պայմանագիրին կը ստորագրեն Աղթամարցիներէ 2 վարդապետ, 1 քահանայ, 18 աշխարհական: Որչափ ալ Աղթամարցիք կը խոստանան իրենց կաթողիկոսին օծումը Մայրաթոռոյ կաթողիկոսի օծումէն 61 օր ետքը կատարեալ (ԻԶՄ. 416), բայց հազիւ թէ Մայրաթոռոյ ընտրութիւնը կը լրանայ մայիս 17-ին, եւ Աղթամարայ հրովարտակն ու կոնդակը կը ստանան, իսկոյն Աղթամար կը դառնան եւ յուլիս 24-ին հինգշաբթի օր օծումը կը կատարեն բռնի կերպով եւ մէկ եպիսկոպոսով, եւ նոր օծուած կաթողիկոսն յունիս 26-ին շաբաթ օր Խաչատուր եւ Յակոբ եւ Ղազար վարդապետները եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ: Այլեւս յաջորդ հատուածին կը մնայ խօսիլ Պետրոսին վրայ, որ իր քաղցրաձայն երգեցողութենէն ստացած է Պիւլպիւլ, այսինքն Սոխակ մակդիր անունը: Իսկ Երուսաղէմի 2659) եւ Կ. Պոլսոյ 2641) պատրիարքութեանց վրայ աւելորդ կը սեպենք այստեղ անդրադառնալ, զի արդէն անոնց պատմութիւնները հասցուցած ենք մինչեւ Ներսէսի մահուան թուականը, եւ շարունակութիւնն ալ առաջիկային պիտի տեսնենք:

2681. ԱՐՄԱՇԻ ՎԱՆՔԸ

Արմաշի վանքը Ստեփանոս Աղաւնիի վարչութեան ներքեւ կը գտնուէր, երբ Ներսէս 1843-ին կաթողիկոս կ՚ընտրուէր: Աղաւնին երկրորդ անգամ պատրիարքութենէ հրաժարած 1841-ին, բոլոր մտադրութիւնը Արմաշի վանքին եւ Նիկոմիդիոյ վիճակին դարձուցած էր, իրեն արժանաւոր օգնական ունենալով իր անուանակից Ատաբազարցի Մաղաքեան վարդապետը 2563): Իր մահուանէն ետքը, որ հանդիպեցաւ 1853 ապրիլ 6-ին, Յակոբոս պատրիարք եւ պատրիարքարանի ժողովականք ուզելով Արմաշի դիրքը եւ արդիւնաւորութիւնը բարձրացնել, անմիջապէս մայիս 11-ին Աղաւնիի յաջորդ ընտրեցին պատրիարք Մատթէոս Չուխաճեանը, թէպէտ արդիւնքը ակնկալութեան չհամապատասխանեց. զի կարծես թէ հոգւով չի փարեցաւ գործին, կամ թէ այդ տեսակ պաշտօնի մը յարմարութիւնը չունեցաւ, եւ ստէպ բացակայ մնաց մինչեւ որ 1854 նոյեմբեր 9-ին հրաժարեցաւ, եւ դեկտեմբեր 14-ին հրաժարականը ընդունուեցաւ, եւ նոյն օր յաջորդ ընտրուեցաւ Պօղոս Թաքթաքեան եպիսկոպոսը, որ Զմիւռնոյ առաջնորդ կը գտնուէր, բայց Պօղոս Գարագօչեանի ձեռնասունը եւ Աղաւնիի գործակիցն էր եղած, եւ 1823-էն մինչեւ 1843 արդիւնաւոր եւ երկարատեւ աշխատութիւն ունեցած էր Արմաշի մէջ: Թէ Պօղոսի վարանումը եւ թէ Զմիւռնացւոց թախանձանքը պատճառ եղան որ պաշտօնը չընդունուի, թէպէտ կայսերական հրովարտակն ալ առնուած էր, եւ այս պատճառով 1855 յունուար 27-ին Արմաշն ու Նիկոմոդիան Ստեփանոս Մաղաքեան վարդապետին յանձնուեցան, նախ իբրեւ տեղապահի, եւ 1856 սեպտեմբեր 6-ին իբրեւ առաջնորդի, իսկ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը յապաղեցաւ մինչեւ 1860 յունիս 2: Մաղաքեանի պաշտօնավարութեան ժամանակը Արմաշու վարժարանին զարգացման եւ Նիկոմիդիոյ վիճակին բարեկարգութեան միջոցներէն մէկն է, ինքն ալ իր անուանակից Աղաւնիի ընթացքին հետեւող, վանական եւ ուսումնական ձեռնարկներու սիրահար, վարչական եւ բուռն գործերէ խորշող, բնութեամբ քաղցր եւ հեզահամբոյր անձ մըն էր, որուն ձեռնասունն էր եղած:

2682. ՀԱՅԿԱԶՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ

Ազգային շրջանակի հաստատութեանց կարգը անցած էր Փարիզի Հայկազնեան վարժարանի գործունէութիւնն ալ, յորմէ հետէ զայն հիմնարկող Սարգիս Թէոդորեան եւ Գաբրիէլ Այվազեան եւ Ամբրոսիոս Գալֆայեան վարդապետները 1856 մայիս 5 եւ մայիս 18 յայտարարութիւններով Հայոց Եկեղեցւոյն դաւանութեան եւ իշխանութեանց հպատակելու վերջնական որոշումնին հաղորդած էին Կ. Պոլսոյ Յակոբոս պատրիարքին եւ Մայրաթոռոյ Ներսէս կաթողիկոսին 2673) եւ թէպէտ 1857 մայիսին Այվազեան մեկնած էր եւ Կաֆա փոխադրուած, բայց տակաւին նոյն հաստատութեան մասնակցութենէ բաժնուած եւ խզուած էր: Այվազեանի մեկնելուն վրայ Փարիզի գործողներ երկու մնացած էին, բայց շուտով երրորդ մը կ՚աւելնայ, Խորէն վարդապետ Գալֆայեան, հարազատ եղբայրը Ամբրիոսիոս վարդապետի, որ սակայն սկսած էր Խորխոռունի մականունը գործածել: Այսչափ աւելցնենք այստեղ թէ Ամբրոսիոս 1826 օգոստոս 24-ին եւ Խորէն 1832 հոկտեմբեր 1-ին ծնած, բնիկ Կ. Պոլսեցի էին, Կեսարացի ծագում ունեցող եւ Գանթարեանց փեսայ եւ երբեմն Գանթարեան ալ կոչուած Գալֆայեան Գէորգի զաւակներ, միասին Ս. Ղազարու վանքին աշակերտած եւ լաւ զարգացում եւ հմտութիւն ստացած էին: Խորէն ձեռնադրուած էր 1854 յունուար 17-ին Մուրատեան վարժարանի ներքին խնդիրներուն սկսելէ ետքը, եւ ճիշդ անցուդարձերուն սաստկացած միջոցին 2671), եւ հնար չէր որ եղբօրը ընթացքը իր վրայ ալ տպաւորութիւն չգործէր: Ամբրոսիոս ալ իր կրտսեր եղբօր հրաւէր կարդացած էր, բայց առաջին գիրը Հիւրմիւզեանէ վար դրուած էր, եւ միայն երկրորդ գիրը միջնորդի ձեռքով Խորէնին կը յանձնուի, եւ երբ սա իր վերջնական որոշումը կու տայ, համարձակ եւ ինքնաբերաբար կը հաղորդէ Հիւրմիւզեանի իր միտքը (ՎԴՁ. Բ. 23), որ իսկոյն զայրանալով, նախ կը յանդիմանէ, յետոյ յօժարակամ հրաժարելու գիր մը կ՚առնէ, իր եղբօր Եդուարդ եպիսկոպոսի եւ Բագրատունի եւ Մինասեան վարդապետներու ներկայութեամբ (ՎԴՁ. Բ. 26), սենեակին բանալին կը խլէ Խորէնէն, եւ զայն անբնակ սենեակ մը փակելով, անոր իրեղէնները եւ թուղթերը կը գրաւէ (ՎԴՁ. Բ. 28): Միանգամայն նաւակ պատրաստել տալով անմիջապէս քաղաք կը ղրկէ (ՎԴՁ. Բ. 41), եւ քաղաքին մէջ ալ յարաբերութիւններէ զրկելով երկաթուղի առաջնորդել կու տայ, եւ մինչեւ Վենետիկի սահմանագլուխը հանել կը հրամայէ: Խորէն այնտեղ կը տկարանայ, կազդուրուելու համար շաբաթ մը կը մնայ եւ վերջապէս 1857 օգոստոս 9/21-ին կը հասնի Փարիզ, ուսկից ամսուն 15/17-ին կ՚ուղղէ Յակոբոս պատրիարքի իր դաւանութեան եւ հպատակութեան յայտարարութիւնը, եւ օրհնութեան կոնդակով Հայ եկեղեցին վերադարձը կ՚ընդունուի, եւ խնամակալներու ժողովէն ալ վարժարանի պաշտօնավարութեան մէջ կը հաստատուի: Եթէ գործիչ կ՚աւելանայ Հայկազնեան վարժարանին համար, բայց դրամական օժանդակութեան չէր նպաստեր, որ օրքանզօր կը տկարանար. զի երբ Թէոդորեան կը յուսար որ Այվազեան Ռուսահայոց նպաստները առատացնէ, կը լսէ որ նա կայսերական հրամանով Բեսարաբիոյ առաջնորդ անուանուած է Էջմիածնայ աթոռին պարապութեան միջոցին եւ առանց սինոդական առաջարկութեան (ԹՈԴ. Դ. 59), եւ յանձնառու եղած է նոր վարժարան մը բանալ Թէոդոսիոյ կամ Կաֆայի մէջ իր տեսչութեամբ եւ Յարութիւն Խալիբեանի բարերարութեամբ: Այլեւ երբ Կ. Պոլիսէ գալիք նպաստներուն ակնդէտ կը մնար, Տատեան Պօղոսէ հրաւէր կը ստանայ Կ. Պոլիս երթալ, որուն առաջ չէր հաւաներ Հայկազնեանը անգլուխ եւ անօգնական չթողլու համար (ԹՈԴ. Դ. 72): Բայց երբ հրաւէրը կը կրկնուի խնամակալաց ժողովին կողմէ ալ, Թէոդորեան յառաջագոյն կտակը կազմելով եւ ընկերներուն յանձնելով 1858 յունիս 18/1 յուլիսին Փարիզէ կը մեկնի, եւ Մարսիլիայէ ծովագնաց 10 օրէն կը հասնի Կ. Պոլիս, եւ կը սկսի ծանօթներու կարողներու այցելել եւ վարժարանին ապահովութեան միջոցները փնտռել, բայց ինչպէս ինքն ալ կը խոստովանի, յուսահատի նա զհաստատութենէ վարժարանի ի Փարիզ, եւ մնայ նմա ակնկալութիւն ի կաթողիկոսէն միայն (ԹՈԴ. Դ. 98), որ է Մատթէոս, որուն էջմիածնի ժողովէն ընտրուած ըլլալուն լուրը Կ. Պոլիս հասած էր ճիշդ Թէոդորեանի Փարիզէ մեկնած օրը յունիս 18-ին (ՊԷՐ. 605): Մատթէոս մեծ հոգածութիւն կը յայտնէր եւ վարժարանին ապագան կաթողիկոսական իշխանութեամբ ապահովել կը խոստանար: Բայց ինչ որ ասկէ ետքը գործուեցաւ կը թողունք առաջ բերել կաթողիկոսական ընտրութիւնը պատմելնէս ետքը:

2683. ՀԱՍՈՒՆԻ ԴԷՄ ԲՈՂՈՔՆԵՐ

Կաթոլիկ Հայոց մէջ տեղի ունեցած անցուդարձերը բաւականաչափ յառաջ բերած կը գտնուինք դէմընդէմ հրատարակուած պարսաւագիրքերուն վրայ խօսելով 2660-2667): Վերջին դէպքը Հասունի 1859 մարտ 8-ին Ղալաթիոյ եկեղեցւոյն մէջ խաժամուժի պաշտպանութեամբ մատուցած պատարագն էր: Սակայն Հասունի ընդդիմադիր ժողովականներ առաջի օրուընէ արտաքին գործոց նախարար Ռիֆաթ փաշայի դիմած էին, եւ հասարակութիւնը Հասունի ձեռքէն ազատելը պահանջած, եւ նախարարը մարտ 10-ին երկու կողմերէ երեքական հոգի հրաւիրելով ազդարարած էր որ համախումբ ժողով մը կազմեն եւ վերջնական առաջարկ մը բերեն հասարակութեան մէջ տիրող հնացեալ դժգոհութիւնը դադրեցնելու: Ազգայնականք առանձին ժողովուեցան մարտ 20-ին եւ որոշեցին ընդարձակ տեղեկագիր մը պատրաստել Հասունին իշխանութեան ժամանակ խափանուած ազգային իրաւունքները, եւ իբր եզրակացութիւն Հասունի հեռացումը եւ կամ Հասունեաններէն բաժանուելնին պահանջել: Այդ որոշման ստորագրեցին մեծամեծներէն 24 անձեր (ՀԱՍ. 268). իսկ նախարարը համախումբ գումարումի վրայ պնդելով մարտ 24-ին Կակոնեան պատրիարքին հրաման կը ղրկէ երկոտասանները եւ երկու կողմերէ ուրիշ մեծամեծները գումարելով առաջարկ մը բերել: Իրօք ալ ժողովը գումարուեցաւ 27-ին, ուրբաթ օրը, 30 անձանց ներկայութեամբ, բայց ոչ Կակոնեան եւ ոչ Հասունեան ներկայ չեղան (ՀԱՍ. 269): Ազգայնական խումբը իր վերջին որոշումը կրկնեց, Հասունեանք ամէն խնդիր կրօնականի վերածելով անձեռնահաս ըլլալին յայտնեցին, եւ երկու կողմերը իրենց տեսութիւնները զատ զատ նախարարին հաղորդեցին մարտ 27-ին եւ ապրիլ 4-ին: Ասոր վրայ կառավարութիւնը հարկ սեպեց ութը պաշտօնակալ փաշաներէ յանձնաժողովի մը յանձնել խնդիրը, որոնք ապրիլ 13-ին երկու կողմերը հրաւիրեցին, բայց միայն ազգայնականք ներկայացան, եւ անոնց առաջարկը միայն քննութեան առնուեցաւ: Հասուն նեղի մտած իրեն պաշտպանութեան զէնք ըրաւ ընթրեաց կոնդակ կոչուած պապական օրէնքը, որով հոգեւոր իշխանութեան դէմ աշխարհական իշխանութեան դիմողներ բանադրանքի կ՚ենթարկւին եւ արձակումնին պապին կը վերապահուին, եւ ապրիլ 16-ի յայտարարութեամբ այդ վճիռը արձակեց ազգայնականներու դէմ, իբրեւ ընդդէմ եկեղեցւոյ եւ եկեղեցական իշխանութեան գործողներու, եւ միայն առաջիկայ ապրիլ 19-ի Զատկին առթիւ զղջացողները արձակելու իշխանութիւն շնորհեց իրեն կողմնակից եղող խոստովանահայրերու, այն ալ բաց ի գլխաւոր յանցաւորաց (ՀԱՍ. 274): Այս որոշումը քարոզներով ալ հռչակուեցաւ թէ ով որ Հռոմայէն խրկուած իր եպիսկոպոսին չհաւանիր, այնպիսին հերետիկոս եւ հերձուածող է, եւ որովհետեւ Օրթաքէօյի կաթոլիկներ ամբողջութեամբ իրեն հակառակ էին, Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյն մեծաւորը պաշտօնէ դադրեցուց, որ էր Անտոնեան միաբան Վրթանէս Եիւզիւքճեան վարդապետը, քարոզ եւ հոգեւոր պաշտամունք եւ նոյնիսկ յուղարկաւորութիւն եւ պսակադրութիւն արգիլեց (ՀԱՍ. 276): Կառավարութիւնը ազդուեցաւ այդ բաներէն եւ Հասունի մասին եղած ամբաստանութիւնները գիրով ուզեց, որոնք յուլիս 6-ին մեծ եպարքոսին մատուցուեցան մարտ 20-ի գումարման մէջ ճշդուած տասը գլուխներով (ՀԱՍ. 278): Ամբաստանագրին յառաջաբանին մէջ պատմականօրէն կը բացատրուի կաթոլիկութեան մուտքը, կաթոլիկ հասարակութեան կազմութիւնը, եւ կաթոլիկութեան պատճառով ազգային եկեղեցական իրաւունքներուն չջնջուիլը եւ լատինականութեան չհաւասարիլը: Իսկ ամբաստանութեան տասն գլուխներն են 1. Հասունի առանց ազգային ընտրութեան հոգեւոր իշխանութիւնը գրաւելը: 2. Ազգապետութիւնն ալ ձեռք ձգելով օրինաց հակառակ բացարձակ իշխանութիւն գործածելը: 3. Հոգեւորական իշխանութիւնը յափշտակելէն ետքը, ազգայնոց հետ միաբանելով իրաւանց պաշտպանութեան համաձայնելը, բայց յետոյ հակառակ կերպով վարուիլը: 4. Ազգային յառաջադիմութեան սահմանուած Համազգեաց ընկերութիւնն աւերելը հակառակ իր կանխաւ յայտարարութեան եւ ընդդէմ պետական հաստատութեան: 5. Առանց ազգային որոշման գաւառական եպիսկոպոսներ հաստատելն ու ընտրելը: 6. Հիւանդանոցի եւ աղքատանոցի եւ կտակներու մատակարարութիւնները հոգեւորական պատրուակով իր ձեռքն անցնելը եւ վատթարացնելը: 7. Լատինական սովորութիւններ մուծանելը, ինչպէս ծխատիրութիւնը ժողովրդապետութեան վերածելը: 8. Միաբանութիւնները ու անուանի գերդաստանները անուանարկելու համար պարսաւագիրք հրատարակելը: 9. Վանական վարդապետները ուսումնական եւ հոգեւորական պաշտօններէ վտարելը: 10. Ամէն գործ ու պաշտօն լատին կրթութիւն առած եւ իրեն համամիտ եկեղեցականներուն յանձնելու ջանքը: Իսկ վերջաբանին մէջ կը խնդրեն որ կառավարութիւնը հաճի հասարակութիւնը Հասունին եւ հասունեաններուն ձեռքէն ազատել: Այդ պարագաները կամ տեղեկագիրը եպարքոսութեան յանձնաժողովին ղրկուեցաւ, որ յուլիս 13-ին Հասունը եւ իրեն համամիտները հրաւիրելով, ազդարարեց թէ պէտք է նորաձեւ ոտնձգութեանց վերջ տան եւ խաղաղութիւն հաստատեն:

2684. ԿԱԹՈԼԻԿ ԴԱՐՁՈՒԱԾՆԵՐ

Հասունի համամիտներ ուզեցին եւ ստացան ազգայնականներու ամբաստանագիրին պատճենը, եւ 1853 յուլիս 24-ին Հասունի նախագահութեամբ գումարուելով, ընդարձակ պատասխան մը պատրաստեցին եւ իբր հերքում կառավարութեան յանձնեցին, որ գործը երկարեց, իբր թէ զայն ուսումնասիրութեան ենթարկած ըլլայ, որով երկու կողմերը ակնկալութեամբ լռեցին: Հռոմ ալ առիթ ունեցաւ Հասունի ձեռքով իր հրամանները արձակել, որոնց առաջինն էր Վենետկոյ Ս. Ղազարու Մխիթարեանը չարամատեանին դատապարտութիւնը, որ 1852 սեպտեմբեր 6-ին Հռոմի մէջ վճռուէր էր, եւ միայն 1853 սեպտեմբերին Կ. Պոլսոյ հասարակութեան կը հաղորդուէր (ՀԱՍ. 308): Երկրորդն էր Անտոնեան եւ կրկին Մխիթարեան միաբանութեանց վարդապետներէն Կ. Պոլսոյ մէջ բնակողներուն վանատուններու մէջ միասին ապրիլը, եւ ոչ ազատ բնակութիւն ունենալը, ինչպէս որ սկիզբէն մինչեւ այս ատեն սովորութիւն եղած էր, միանգամայն առանց փրօփականտայի արտօնութեան Կ. Պոլսոյ եւ վիճակներու մէջ չմնալը եւ չգալը: Երրորդ հրամանագիր մըն ալ հայ կաթոլիկ եպիսկոպոսներու ընտրութեան պայմանները կը կարգադրէր, թեմական ժողովուրդը վկայութիւն պիտի տար 6-է 12 եկեղեցականներու, որոնցմէ եպիսկոպոսաց ժողովը երեքը պիտի զատէր եթէ արժանաւորներ գտնէր, թէ ոչ նոր ցանկ պիտի պահանջէր, եւ եթէ այս անգամ ալ արժանաւոր չգտնէր, ինքն երեք անձ պիտի ներկայէր Հռոմի, որ երեքէն մէկը կամ եթէ ուզէ երեքէն դուրս մէկը եպիսկոպոս պիտի նշանակէր. այս էր 1853 օգոստոս 20-ի ժողովրդական ընտրութեան կարգադրութիւնը (ՀԱՍ. 309-312): Նախընթացաբար կատարուած ընտրութեանց առթիւ եղած բողոքներուն վրայ, 1851-ին որոշուած էր հարկաւ ժողովուրդէն ներկայուելիք երեքէն մէկը ընտրել 2662), մինչ այս նոր ձեւով ժողովուրդին մասնակցութիւնը ծիծաղական կը դառնար: Ուստի սեպտեմբեր 6-ին բողոքագիր մը եւ հոկտեմբեր 1-ին յայտարարութիւն մը հրատարակուեցաւ, միւս կողմէ տէրութեան հրամանով Կակոնեան պատրիարքէն նոյեմբեր 13-ին յայտարարութիւն եղաւ որ պարսաւագիրք ունեցողները զայն պատրիարքարանին յանձնեն, որպէսզի կառավարութեան հրահանգին համեմատ Հռոմ ղրկուին, եւ պետական հրամանագիրին պատճէններն ալ եկեղեցիներու դուռները կախուեցան: Բայց Հասունեանք սրիկաներու ձեռքով այդ հրամանագիրը պատռել տուած էին, եւ անոնցմէ մէկն ալ ձերբակալուած եւ պատրիարքարանի մէջ բանտարկուած էր, ուստի պատրիարքարանը կոխելով բանտարկեալը ազատեցին: Ասոր վրայ Կակոնեան պատրիարք իբր բողոքի նշանակ, իր հրաժարականը եւ հրովարտակը եւ պատրիարքարանի բանալին Եպարքոս Կիրիլտի Մուսթաֆա եւ արտաքին գործոց նախարար Ռէշիտ փաշաներու անձամբ ներկայեց: Հրաժարականը մերժուեցաւ, եւ երկու օր ետքը նոյեմբեր 28-ին յատուկ պաշտօնակալներ յանդգնութիւն ընողները պատժելու խոստումով պատրիարքը տեղը նստեցուցին: Նոյեմբեր 29-ին դատը սկսաւ, բայց դեկտեմբեր 1-ին Կակոնեան մեծանձնաբար անոնց ներուիլը խնդրեց, եւ ատեանին նախագահ Ռիֆաթ փաշա այդ յայտարարութեամբ զիրենք արձակեց: Այստեղ անցողակի յիշենք թէ արտաքին գործոց նախարարին ներքին գործերուն միջամտութեան պատճառը, կրօնից գործերն ալ արտաքին գործոց միացեալ ըլլալն էր, որոնք յետ ժամանակաց արդարութեան նախարարին անցան: Երբոր կաթոլիկ հասարակութեան գործերը անլուծելի վիճակի հասան, խումբ մը բարեմիտներ, որոնց գլուխ կեցած էին Պետրոս Եաղլըզճեան եւ Գասպար Սինապեան, փորձեցին հաշտութիւն գոյացնել, բայց երբ անոնցմէ երաշխաւորութիւն խնդրուեցաւ Հասունին ապագայ ընթացքին համար, ապահովութիւն տալ չկրցան եւ ձեռնարկն ալ ապարդիւն մնաց (ՀԱՍ. 327): Կառավարութիւնը յուսահատ 1854 յունուար 3-ին որոշեց կաթոլիկ հասարակութենէն լատինամիտ Հասունեանները ուղղակի լատին հասարակութեան անցունել, եւ մնացեալներով կաթոլիկ հասարակութիւնը պահել: Նյդ որոշումը կրնար պապին ալ ծանր գալ, ուստի Գաղղիոյ դեսպանատունը Հասունի դրդմամբ մէջտեղ ինկաւ, գործադրութիւնը յապաղել տուաւ, եւ նոյն օրերուն Հասունի եւ Կակոնեանի հաղորդուեցաւ Պիոս Թ. փետրուար 2-ի շրջաբերականը, որուն մէջ վերեւ յիշուած երեք հրամանները կը բացատրուէին, եւ միանգամայն կը յայտարարուէր թէ Վենետկոյ Մխիթարեան միաբանները իրենց ուղղափառ, իմա կաթոլիկ հաւատոյ եւ ջատագովութեան լուսաւոր դաւանութիւնը եւ յայտարարութիւնը պարտուպատշաճ ստորագրութեամբ յուղարկեցին (ՀԱՍ. 331). այս ալ այն յայտարարութիւնն է զոր իր կարգին յիշեցինք 2671), եւ որ անգամ մը եւս Հայ ազգութիւնը գայթակղեցուց, Հայ Եկեղեցին իբր հերձուածող եւ հերետիկոս, եւ Համազգեաց ընկերութիւնը իբրեւ վտանգաւոր եւ վնասակար որակուած տեսնելով: Ասով Հասուն իր նպատակին կը հասնէր, որ ինչպէս սկիզբէն ըսինք գոնէ Մխիթարեանները վարկաբեկել էր, եթէ ջնջել հնար չըլլար 2663):

2685. ԿԱԿՈՆԵԱՆ ԵՒ ՀԱՍՈՒՆԵԱՆ

Պապական կոնդակը Մխիթարեանները արդարացնելու ձեւով իսկապէս զանոնք անկարգութեան կը մատնէր: Հասուն ալ սկսաւ պահ մը մեղմ միջոցներու դիմել, եւ 1854 մայիս 8-ին հովուական թուղթ մը հրատարակեց, որով իբր թէ աղքատանոցի եւ հիւանդանոցի եւ դպրոցներու եւ եկեղեցիներու մատակարարութեան մէջ աշխարհական տարրին մասնակցութիւնը կը ճանչնար (ՀԱՍ. 348-350), բայց միշտ պատիպատ դարձուածներով: Ազգայնական ուղղութեան հետեւողներ, մարտ 5-ի բողոքով մը յայտարարած էին, թէ ասկից ետքը բնաւ մէկ կերպով մը Հասունը չենք ճանչնար մեզի հովիւ եւ առաջնորդ (ՀԱՍ. 345), յունիս 28-ին ալ յատուկ տետրակով մը հովուական թուղթին դարձուածները պախարակեցին: Բայց գաղղիական դեսպանատան պաշտպանութիւնը պատրաստ էր Հասունի, եւ կառավարութիւնն ալ Ռէշիտ փաշայի բերանով ազգայնականները կը յորդորէր Հասունը հոգեւոր գլուխ ընդունիլ, խոստանալով որ ինքն ալ Հասունին ընդունել տայ ինչ որ իրենք խնդրեն: Սակայն խաբկանք էին բոլոր դարձուածները, Հասունի պէտք էր գոնէ առերեւոյթ հանդարտ կացութիւն մը ստեղծել, որ դիւրին ալ կ՚երեւար, զի ազգայնականք ալ յոգնած էին, եւ իրենց ճիգերուն անպտուղ մնալէն յուսահատած, ու քիչ-քիչ ասպարէզէն կը քաշուէին, եւ Կակոնեան պատրիարք անհանդուրժելի վիճակի մէջ ինկած էր (ՀԱՍ. 361): Երկոտասանից ժողովը նորոգուեցաւ 1855 մարտ 2-ին (ՀԱՍ. 362), բայց նորերն ալ աւելի գործունէութիւն չկրցան ցուցնել, մինչեւ իսկ Հասուն կրցաւ դարձեալ առանց ընտրութեան եպիսկոպոսներ ձեռնադրել, ինչպէս որ 1855 օգոստոս 10-ին ձեռնադրեց Յովհաննէս վարդապետ Սելվեանը, երբեմնի պատրիարքը, Կարնոյ վրայ: Ժողովուրդը ընդդիմութենէ ձանձրացած եւ գաղղիական պաշտպանութեան զօրութիւնը արեւելեան պատերազմին բերմամբ 2656) տարապայման աճած ըլլալով, Հասուն յաջողեցաւ Կակոնեանի ձեռք գտնուող պատրիարքական հրովարտակէն տարբեր հրովարտակ մըն ալ ստանալ 1857 մարտին, իբր հոգեւորական գործերու պետ եւ կաթոլիկ պաշ փիսքոբոս անունով (ՀԱՍ. 365-368). որով կրնար այլեւս կաթոլիկ ազգապետական պատրիարքարանէ անկախաբար գործել եւ տնօրինել եւ յարաբերութիւններ կատարել, անկարգութեան մատնելով բուն պատրիարքարանը: Այդ էր կաթոլիկ հասարակութեան կացութիւնը 1857-ին Աշատարակեցիին մահուան տարին: Կակոնեան պատրիարք արդէն բնաւորութեամբ պայքարելէ հեռու եւ անձամբ տկարացած, առաւել եւս տկարացաւ երբոր 1858-ին Եղիա Նահապետեան վարդապետ պատրիարքական փոխանորդը, որ իմաստութեամբ եւ քաղաքագէտ խորագիտութեամբ եւ հանճարով գրեթէ գործերու բուն վարիչն էր, ստիպուեցաւ պաշտօնէն հրաժարիլ (ՀԱՍ. 372) եւ ատենադպիր Գազանճեան Սուքիաս վարդապետն ալ անոր հետեւեցաւ, եւ Կակոնեան գրեթէ անօգնական վիճակ մը ունեցաւ, եւ նոյնիսկ կաթոլիկ պատրիարքարանն ալ աւելորդ պաշտօնատուն մը դարձաւ (ՀԱՍ. 373), զի Հասունի եպիսկոպոսարանը ուղղակի յարաբերութիւններ կը կատարէր: Կակոնեան պատրիարք արդէն տկարացած, սիրտի անբուժելի հիւանդութեամբ ախտացաւ եւ 1860 դեկտեմբեր 10-ին հրաժարականը մատոյց, որ թէպէտ պաշտօնապէս չընդունուեցաւ, բայց ինքն այլեւս քաշուած ապրեցաւ եւ 1861 օգոստոս 20-ին ալ իր վշտալից եւ տառապանօք լեցած ցաւագին կեանքը կնքեց 48 տարեկան ամաց հասակին (ՀԱՍ. 374), եւ վերջին ազգապետ պատրիարքն եղաւ: Որչափ ալ 1861 յունուար 4-ին յաջորդի ընտրութեան հրամանագիրն եկաւ (ՀԱՍ. 376), բայց փետրուար 17-ին ժողովին մէջ առաջ կանոնագիր պատրաստելու որոշումը տրուեցաւ, եւ 18 անձերէ յանձնաժողով մը կազմուեցաւ, որոնք կանոնադրութիւնք ընդհանուր ժողովոյ կաթողիկէ Հայոց անունով, 8 գլուխով եւ 35 յօդուածով ծրագիր մը պատրաստեցին, որ մարտ 17-ի ժողովին մէջ ընդունուեցաւ, եւ յունիս 16-ին 120 երեսփոխաններու ընտրութիւնը կատարուեցաւ, բայց երբ տերութենէն անոնց հաստատութիւնը խնդրուեցաւ, Հասուն յաջողեցաւ զայն խափանել տալ եւ ընտրողական գործը առկախ եւ տարտամ մնաց: Պատրիարքական փոխանորդ Բարսեղ վարդապետ Մարտիրոսեան Վենետկոյ Մխիթարեաններէն, որ Կակոնեանի հրաժարելէն ի վեր իբր տեղակալ պատրիարքարանը կը վարէր, նա ալ հրաժարեցաւ եւ քաշուեցաւ, եւ պատրիարքարանը մնաց ատենադպիրն, Անտոնեան միաբաններէն Չրաճեան Ղեւոնդ վարդապետի ձեռքը, որ դիւանը բաց պահելու եւ անցագիրներու եւ կալուածագիրներու վկայական տալու գործողութիւնները կը կատարէր, եւ թէպէտ վարչական ժողով մը կար պատրիարքարանի մէջ 1857- ին ընտրուած եւ 1857-ին նորոգուած (ՀԱՍ. 527), բայց անգործ էր բոլորովին, եւ ի զուր Չրաճեան մեծամեծներուն կը դիմէր որ ներկայ թշուառ վիճակին վրայ ողորմին (ՀԱՍ. 393), մինչ Հասուն իր նպատակին մէջ շարունակ կը յռաջէր, եւ հասարակութեան բախտին կատարեալ տէր էր դարձած (ՀԱՍ. 385):

2686. ԿԱԹՈԼԻԿ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ

Կ. Պոլսոյ կեդրոնէն դուրս կաթոլիկ հասարակութեան վերաբերեալ եղելութիւններէն յիշենք նախ Լիբանան նստող եւ Կիլիկիոյ անուն կրող կաթողիկոսական աթոռը, որուն վրայ կը գտնուէր Գրիգոր Պետրոս Ը. Աստուածատուրեան 1843 յունիս 25-էն ի վեր 2566), եւ պաշտօնավարեց մինչեւ 1865 տարւոյ վերջը: Բնութեամբ գործունեայ եւ կարողութեան տէր, իր աթոռին դիրքը բարձրացնել հետապնդեց, եւ այդ նպատակով վերանորոգեց Անտոնեան միաբանութիւնը իր ձեռքին ներքեւ առնելու համար միաբանութեան տէրը ճանչցուելու խնդիրը, մինչ Անտոնեանք ուղղակի պապէն կամ պապական աթոռէն հաստատուած միաբանութիւն ըլլալով թեմակալ իրաւասութեաններէ ազատ կը ճանչցուէին: Խնդիրը երկու կողմէն փրոփակատայի ատեանին առջեւ դատավարութեանց ենթարկուեցաւ, եւ երկար տարիներ տեւեց, բայց Անտոնեանք կրցան իրենց դիրքը պաշտպանել, եւ Գրիգոր անազան մտաբերեց հաշտարար կերպով խնդիրը փակել, զոր իր կարգին կը թողունք բացատրել: Աթոռոյ ներքին բարեկարգութեանց համար ալ եպիսկոպոսական ժողով գումարեց 1853-ին Զըմմառի աթոռին մէջ, եւ ընդարձակ կանոնագիրք մըն ալ պատրաստեց պատմական եւ դաւանական մասերով ճոխացած, Հռոմին ալ ներկայեց որ պապական իշխանութեամբ ալ հաստատուի, սակայն նպատակը չիրականացաւ եւ Զըմմառի ժողովին կարգադրութիւնները իբրեւ լոկ ներքին կանոնագիր մնացին: Պարտաւորուեցաւ Հասունի հետ ալ մաքառիլ թեմական վիճակներու եւ իրաւասութեան սահմաններուն վրայ, որոնք իսկապէս ներքին դժուարութեանց կը բաղխէին, զի մէկ կողմէն Փոքր Հայք ու Կիլիկեան Լիբանանու կաթողիկոսութեան, եւ միւս կողմէն Պոնտոսն ու Կապադովկեան Կ. Պոլսոյ արքեպիսկոպոսութեան վիճակ տրուած էին, մինչ շատ քաղաքներ տարբեր առմամբ երկու կողմերուն ալ կրնային պատկանիլ: Այդ խնդիրներն ալ բաւական յոգնեցուցին Գրիգորը, բայց նա կրցաւ իր իրաւունքները պաշտպանել: Ինչ որ իր տեսութեամբ իրեն համար մխիթարական կրնար ըլլալ` հռոմէական դաւանութեան աստ եւ անդ սկսելուն կամ տարածուելուն պարագան էր: Խրիմի պատերազմին վրայ գաղղիական ազդեցութեան զօրանալը, եւ գաղղիական կայսերութեան ալ իր ազդեցութիւնը ընդարձակելու համար հռոմէականութեան պաշտպան կանգնիլը, կրցաւ Հայերուն մէկ մասին մէջ հռոմէականութեան յարելու միտքը զարթուցանել նիւթական օգնութիւն եւ քաղաքական պաշտպանութիւն վայելելու համար: Այս տեսութեանց հետեւանքն եղաւ որ Լիբանանու կաթողիկոսութեան սահմաններու մէջ, Մելիտինէ, Գերմանիկ, Կասարիա եւ Ատանա մասնաւոր հռոմէական հատուածներ սկսան ունենալ, եւ Գրիգոր փութաց սոյն սակաւաթիւ հատուածներու համար նոր վիճակներ կազմել եւ նոր եպիսկոպոսներ ձեռնադրել, աւելի եւս շարժումը զօրացնելու նպատակով, թէպէտեւ առաջին քայլերէն ետքը նոր աճումներ չունեցան նորանջատ հատուածները: Շատ մասնաւոր շարժումներ ալ տեղի ունեցան Զէյթուն եւ Հաճըն, որոնց առաջինը Գերմանիկի եւ երկրորդը Ատանայի վիճակներուն կցուեցան:

2687. ԿԱԹՈԼԻԿ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Անտոնեան միաբանութեան անցքերէն արդէն յիշած եղանք կաթողիկոսներուն հետ վարած դատը 2686). յիշած ենք նաեւ նոր ազգապետի ընտրութեան առթիւ Անտոնեանց վրայ դարձուած մտադրութիւնը 2666), եւ այդ պարագաներէն դուրս պիտի յիշենք Հռոմի մէջ բացուած ուսումնական վանքին 2566) յառաջադիմութեան համար տարուած խնամքը եւ ստացուած արդիւնքը: Ասոնցմէ դուրս սովորական ընթացքն է որ տիրած է այդ միջոցին մէջ: Անտոնեաններէն բաւական թուով գտնուած են միշտ Կ. Պոլսոյ մէջ, եւ կաթոլիկաց անցուդարձերուն մէջ յայտնապէս ազգայնական ջանքերուն կողմը գտնուած են, թէպէտ խոհական չափաւորութեամբ մը, այնպէս որ խնդիրներու զայրացած պահուն եւ Սելվեան ազգապետի յաջորդին ընտրութեան ատեն, կրցան իբրեւ անկողմնակալ տարր մը նկատուիլ եւ ազգապետն ալ իրենցմէ առնուեցաւ: Վենետկոյ մասին ընդարձակօրէն խօսեցանք պարսաւագիրքի անցուդարձերը 2663-2664), եւ Մուրատեան վարժարանի խնդիրը եւ Մխիթարեաններէն ոմանց վերադարձը պատմած ատեննիս 2668-2673): Իսկ ներքին վիճակնին մեծ նորութիւն չունեցաւ, եւ ոչ ալ զարգացում, մանաւանդ թէ կայուն վիճակէ ալ աւելի անկումի վիճակ մը եղաւ Հիւրմիւզեանի աբբայութեան միջոցը, հռոմէականութիւնը շեշտելով հայութիւնը անարգելու չափ: Իբր գնահատելի արդիւնք Ալիշան Ղեւոնդ վարդապետի քանի մը աշխատութիւններէն զատ, ուրիշ նշանաւոր արդիւնաւորութիւն ալ չտեսնուեցաւ: Վենետկոյ Մխիթարեանց արդիւնաւորութիւնը իրաւամբ բրգաձեւ ըսուած է, որ ընդարձակ հիմով կը սկսի եւ հետզհետէ ամփոփուելով նուրբ ծայրով մը կը վերջանայ: Հիւրմիւզեան 1797 նոյեմբեր 11-ին ծնած Վոսփորի Օրթաքէօյը, եւ 1819 յունուար 17-ին ձեռնադրուած, 49 տարեկան աբբահայրութեան բարձրացած էր 1846 յուլիս 2-ին, եւ 30 տարի պաշտօնավարեց մինչեւ 1876 ապրիլ 11 (ՅՈԲ. 221), հակառակ ընտրութեան միջոցին իր վրայ տեսնուած տկարութեան, եւ բժշկական զննութեան հազիւ մէկ տարուան կեանք նախատեսելուն (ՅՈԲ. 65): Իր ներբողաբանն ալ ընտիր դիզաբանութեանց հիւսուած մը կրցած է պատրաստել անոր յիշատակին, բայց նշանաւոր գործ մը մատնանիշ չէ ըրած: Մխիթարեանց Վիէննայի ճիւղին վրայ ալ ըսելիքնիս համառօտ պիտի ըլլայ: Արիստակէս Ազարեան աբբային պաշտօնի սկսիլը յիշած ենք, որ 1826 ապրիլ 19-էն մինչեւ 1855 մայիս 5, 29 տարի տեւողութիւն ունեցաւ, այսինքն մինչեւ իր 73 տարեկան հասակը: Իր գործունէութենէն ալ ինչ ինչ պատմած ենք 2477), բայց պիտի կրկնենք թէ իր աբբայութեան միջոցը նա ոյժ տուաւ օտարամոլ կաթոլիկ ուղղութեան, եւ իր միաբաններ Կ. Պոլսոյ մէջ նեցուկ եղան Հասունի քաղաքականութեան: Ասով մէկտեղ պէտք է յայտնենք թէ գերմանական ուսմանց շնորհիւ, բարձր կրթութեամբ եւ ընդարձակ հմտութեամբ ճոխացեալ միաբաններ ալ յառաջ եկան այդ միջոցին, ինչպէս Արսէն Այտընեան, Յովսէփ Գաթըրճեան, Մատաթիա Գարագաչեան եւ այլք. թէպէտ ոչ ամէնքը նոյն սկզբանց եւ նոյն մտայնութեանց տէր: Արիտսակէսի յաջորդեց Յակոբոս Պօզանճեան Անկիւրացի 1808 նոյեմբեր 30-ին ծնած եւ 1885 օգոստոս 6-ին ընտրուած, որ նոյն տարին Կեսարիոյ անուանական արքեպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ. բայց որովհետեւ մինչեւ 1883 ապրեցաւ, յաջորդ շրջանին կը թողունք իր վրայ խօսիլ:

2688. ՊԱՏՄԱԳԻՐԻՆ ԴԵՐԸ

Ներսէս Աշտարակեցին վախճանեցաւ 1857-ին եւ 1858-ին ընտրուեցաւ անոր յաջորդը, որուն պատմութեան կը պատրաստուինք մտնել, բայց այլեւս ինքզինքնիս կը գտնենք ժամանակակից շրջանի մը մէջ, որուն գործիչներէն շատեր դեռ կենդանի են, եւ որոնք որ կեանքնին կնքած են, տակաւին կենդանի կը մնան ամէնուն միտքին եւ սիրտին մէջ: Կը զգանք թէ դժպհի եւ դժուարին դիրքի մէջ կը գտնուինք պարտաւորեալ ըլլալով խօսիլ, իմա քննադատել կամ գնահատել այնպիսի անձեր, որոնց նկատմամբ դեռ կը տիրեն մասնաւոր կամ անձնական տեսութիւններէ ծագած հակակրութիւններ կամ համակրութիւնները, եւ մինչեւ աստիճան մը չենք յաւակնիր ինքզինքնիս ալ ազատ կարծել այդ զգացումներէն, մանաւանդ որ մենք ալ իբր գործակից շփուեցանք շատերու հետ եւ իբր գործիչ ալ հանդիսացանք ասպարէզի վրայ: Այդ մտածումները շատերու արգելք եղած են իրենց գրութիւնները մինչեւ ժամանակակից շրջաններ յառաջացնել. ոմանք ալ մինչեւ իսկ անպատշաճ կարծած են ժամանակակից շրջաններու պատմութիւնը գրել, թողլով որ ետեւէն եկողներ անկողմնակալ կերպով եւ առանց կիրքի եւ առանց անձնական տեսութեանց եղելութիւնները կշռեն ու պատմեն: Մենք այդ երկիւղած եւ երկիւղալից ընթացքին պիտի չհետեւինք, զի պատմական եղելութիւններ պէտք է ժամանակակիցներէ, իմա գիտակից եւ մասնակից անձերէ վկայուին, որպէսզի տրամաբանական եւ իրաւագիտական տեսակէտով ալ ստուգութեան հաւաստիքը կրեն. եւ իրօք ալ մեր հետազօտութեանց մէջ միշտ ժամանակակիցներու, գոնէ մերձակիցներու վկայութեանց եւ գրութեանց կը դիմենք, ստուգութեան փաստ գտնելու համար: Բայց միւս կողմանէ անձնական կիրքերու կամ անհատական կարծիքներու ծառայած չըլլալու համար, բաւական է եղելութիւնները իրենց հանգամանաց եւ յարաբերութեանց մէջ պատկերացնել, եւ որչափ հնար է չափաւոր ըլլալ գնահատութեանց եւ քննադատութեանց մէջ, ոչ գովեստներ շռայլել եւ ոչ պարսաւանքներ առատացնել, այլ թողուլ որ ընթերցողներ եւ ապագաներ ազատ կերպով կշռեն գործերն ու գործիչները եւ կազմեն իրենց դատողութիւնները: Այդ պիտի ըլլայ մեր ուղղութիւնը եւ պիտի ջանանք որչափ կրնանք այդ մասին հաւատարիմ եւ ճշդապահ մնալ: Ուրիշ դժուարութիւն մըն ալ որ մեր դիմացը կ՚ելլէ, առաջնորդող պատմագիրը մը չգտնուիլն է. զի ազգային ժամանակակից պատմութիւնը տակաւին իր պատմաբանը ունեցած չէ, եւ կերպով մը այդ դատարկը լեցնելու կոչուած կը գտնուինք: Պարտաւորեալ պիտի ըլլանք թարթափել առձեռն յիշատակներ, պատահաբար հրատարակուած տետրակներ եւ լրագիրներու թերթեր, որոնցմէ կատարեալ հաւաքածոներ ալ չունինք մեր տրամադրութեան ներքեւ, ուստի ընթերցողները ներողամիտ աչքով պէտք է նային մեր աշխատութեան վրայ, եթէ թերի կէտերու կամ թերի բացատրուած իրողութիւններու հանդիպին: Զի անցեալին համար կ՚արդարանայինք մեզի հասած յիշատակներուն կամ պատմութիւններուն պարունակին մէջ ամփոփուելով. բայց ժամանակակից անցքերու մասին կը ճանչնանք թէ ընթերցողներ եւ ապագաներ իրաւունք կ՚ունենան մեզմէ լիագոյն եւ անթերի պատմութիւն սպասել: Վերջապէս իբրեւ աղբիւր պիտի ունենանք մեր անձնական յիշողութիւններն եւ յիշատակներն ալ իբր զի պատմութեանս կարգին պէտք է առաջ բերենք այն եղելութիւնները, որոնց ներկայ կամ մասնակից գտնուեցանք, եւ այն գործողութիւններն ալ, որոնց գլխաւոր գործիչը եւ նոյնիսկ պատասխանատու գործիչ եղանք հանրային պաշտօնավարութեանց հետեւանքով, որոնց կոչուեցանք եւ զորս կատարեցինք իբր յայտարարութիւն, մանաւանդ թէ իբր խոստովանութիւն, դնել այստեղ որպէսզի միանգամ ընդ միշտ պարզօրէն եւ անկեղծօրէն բացատրած ըլլանք մեր միտքը. զի նպատակ չունինք այլեւս ամէն մէկ եղելութեան կամ ամէն մէկ իրողութեան պարագային այս տեսակ արտայայտութիւններ կրկնել: