2860.
ՔԷՖՍԻԶԵԱՆԻ
ԴԱՐՁՈՒԱԾՔԸ
Մկրտիչ
Կ.
Պոլիս
հասնելուն
առաջին
օրէն
սկսած
էր
այդ
գաղափարները
մշակել
(ԻԶՄ.
1225),
եւ
ոչ
թէ
իբր
պատրիարքարանի
ընթացքէն
ցաւած
ու
ստիպուած
մղուած
էր
այդ
միտքին,
զոր
գաղտագողի
եւ
խաբուսիկ
միջոցներով
կը
մշակէր
(ԻԶՄ.
1225),
իր
գործին
հանդէպ
ազգին
աննպաստ
ըլլալուն
(ԻԶՄ.
1226)
ներքին
գիտակցութիւնը
զգալով:
Իրեն
նոր
ոյժ
մը
աւելցնելու
դիտմամբ
1881
փետրուար
15-ին
Կ.
Պոլիս
գտնուող
Կիլիկեցիները
ժողովի
կը
հրաւիրէր
Ղալաթիա,
որպէսզի
թեմական
տեղեկագիրը
հաստատեն,
սակայն
անոնք
անցուդարձերուն
գիտակ
անձեր,
գործէն
խոյս
տալու
դիտմամբ`
նախապէս
քննիչ
յանձնաժողովոյ
մը
ձեռքով
խնդիրը
նախաքննել
կ՚առաջարկեն
(ԻԶՄ.
1269):
Ասոր
վրայ
էր
որ
մարտ
23-ին
վարչական
խորհուրդը
նոր
բանակցութիւն
ունեցաւ
Մկրտիչի
հետ
երկու
կողմերու
միջեւ
մերձեցում
մը
կազմելու
նպատակով:
Այդ
տեսակցութեան
մէջ,
ինչ
որ
Ամենայն
Հայոց
հայրապետութեան,
այսինքն
միոյ
եկեղեցւոյ
մի
գլուխի
դրութեան
կը
պատկանէր,
ամուր
բռնելով,
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքութեան
հետ
Կիլիկիոյ
յարաբերութիւնները
վերաքննութեան
եւ
բարեփոխութեան
ենթարկել
ընդունուեցաւ
եւ
խորհուրդին
ատենապետ
Տիգրան
Եուսուֆեանի
յանձնուեցաւ
բանակցութիւնները
լրացնել:
Մկրտիչ
նախապէս
վարչութեան
ծրագիրը
կ՚ուզէր
տեսնալ
(ԻԶՄ.
1251-1253),
պարզապէս
կառավարութեան
հետ
սկսած
գործին
ատեն
վաստակելու
դիտմամբ,
եւ
աւելի
ազատ
գործելու
համար
ապրիլի
մէջ
Ղալաթիոյ
բնակութիւնը
թողուց
եւ
Վոսփորի
Գուրուշէշմէ
գիւղը
փոխադրուեցան
(ԻԶՄ.
1245):
Իսկ
պատրիարքարանը
ինքզինքը
դիւրամատչելի
ցուցնելու
համար
հաւանեցաւ
որ
պայմանները
չստորագրած
ալ
(§
2559),
մայիս
21-ին
Համբարձման
տօնին
օրը
Գուրուշէշմէի
եկեղեցին
պատարագէ,
սակայն
Մկրտիչ
իբր
թէ
Կիլիկիա
կը
գտնուէր
եւ
ոչ
Կ.
Պոլիս,
թէ
Ամենայն
Հայոց
կաթողիկոսին
եւ
թէ
Երուսաղէմի
եւ
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքներուն
անունները
բոլորովին
զանց
ըրաւ
յիշատակութեան
ատեն
(ԻԶՄ.
1245):
Եւ
ոչ
այսչափ
միայն,
այլ
իր
ընթացքը
աւելի
շեշտելով,
մայիս
15
թուականով
գրգռիչ
շրջաբերական
մը
կը
յղէր
գաղտնապէս
Կիլիկիոյ
վիճակներուն
(ԻԶՄ.
1226-1241),
որուն
մէջ
թեմական
ժողովին
տեղեկագիրը
եւ
իր
Կ.
Պոլիս
գալուն
նպատակը
յիշելէն
ետքը,
ամէն
տեսակ
զրպարտութիւն
եւ
քսութիւն
կը
գրէր
Կ.
Պոլսոյ
վարչութեան
դէմ,
թէ
Կիլիկիոյ
կաթողիկոսութեան
գոյութիւնն
իսկ
չուզեր
ճանչնալ,
մինչ
ան
եղած
էր
Էջմիածնի
կաթողիկոսին
գաղափարին
դէմ
անոր
գոյութիւնն
ու
դիրքը
պաշտպանողը,
թէ
եպիսկոպոս
ձեռնադրել
եւ
միւռոն
օրհնել
իսկ
կ՚արգիլէ,
մինչ
միւռոնի
խօսք
եղած
չէր
երբեք,
իսկ
եպիսկոպոսական
ձեռնադրութեան
խնդիրը
լոկ
վարչական
տեսակէտով
կեդրոնական
վարչութեան
հետ
համաձայնութեան
ենթարկուած
էր,
թէ
Կիլիկիոյ
աթոռը
հակաթոռ
եւ
հեստեալ
եւ
ընդվզեալ
կը
ճանչնար,
մինչ
Կ.
Պոլիս
յայտնապէս
Գէորգի
յայտարարութեանց
ալ
ընդդիմացած
էր,
իսկ
իր
կողմէն
կը
յաւելուր
թէ
Կիլիկիոյ
հայրապետութիւնը
ճիշդ
Սուրբ
Լուսաւորչէ
ուղղագիծ
յաջորդութեամբ
հաստատեալ
եւ
մինչեւ
ցայսօր
շարունակեալ
հայրապետութիւն
մ՚է
(ԻԶՄ.
1235),
զոր
պարզապէս
պատմութեան
տգիտութեան
(1463-1464),
եւ
կիլիկեցի
կաթողիկոսաց
ոմանց
մեծամտութեան
արձագանգ
պիտի
ըսենք,
եթէ
կամաւոր
նենգութիւն
չըսենք,
Մայրաթոռոյ
իրաւանց
միշտ
նախանձայոյզ
պաշտպան
եղած
եւ
Երուսաղէմի
աթոռին
միաբան
եղածի
մը
բերանը:
Այդ
գրգռիչ
շրջաբերականին
վերջը
իբրեւ
եզրակացութիւն
կը
հաղորդէ,
թէ
Կ.
Պոլսոյ
վարչութենէն
որեւէ
պատասխան
ընդունիլ
չկրնալով,
ստիպուեցանք
առ
բարձրագոյն
դուռն
եւս
դիմել
(ԻԶՄ.
1233),
մինչեւ
Կ.
Պոլիս
հասած
օրէն
սկսած
էր
եւ
շարունակած
էր
կառավարութեան
մօտ
իր
քսութիւնները,
եւ
կը
յաւելուր
թէ
մտադիր
եմ
ի
մօտոյ
բացակայիլ
աստի
(ԻԶՄ.
1240),
անշուշտ
Կիլիկիա
դառնալու
նպատակով
եւ
հուսկ
յետոյ
կը
յարէր,
սթափեցարուք
ուրեմն
ի
քնոյ,
եռանդով
գործեցէք
զպարտուպատշաճն,
աշխատեցէք
պաշտպանել
ձեր
աթոռոյն
բռնաբարուած
իրաւունքը
(
ԻԶՄ.
1239),
իրաւունք
չունիք
երբեք
զմեզ
պատասխանատու
ըմբռնել
(ԻԶՄ.
1237),
եւ
այս
աղաղակներով
իր
վիճակայինները
ընդդիմութեան
եւ
ապստամբութեան
կը
հրաւիրէր,
թէպէտ
ոչ
մի
արձագանգ
չէր
գտնար
Կիլիկիոյ
կողմէն
(ԻԶՄ.
1249):
Վարչութիւնը
յունիս
22-ին
յղած
պաշտօնագիրի
պատասխանը
չստանալով
յուլիս
17-ին
նորէն
կը
գրէր,
եւ
գաղտնի
շրջաբերականին
մասին
բացատրութիւն
կը
պահաջէր,
սակայն
Մկրտիչ
դարձեալ
կը
լռէր,
զի
իր
նպատակին
հասած
էր
արդէն,
եւ
1881
յուլիս
20
(հիճրէթի
1298
րամազանի
7)
թուակիր
եւ
մինչեւ
այն
օր
յապաղած
հրովարտակը
կ՚ընդունէր
(ԻԶՄ.
1255)
ուղղակի
կառավարութենէն,
որուն
մէջէն
ջնջուած
էր
Սսոյ
կաթողիկոսութեան
համար
միշտ
գործածուած
Կոստանդնուպոլսոյ
եւ
Անատոլուի
եւ
Ռումելիի
եւ
շրջակայից
պատրիարքութեան
ենթարկեալ
բացատրութիւնը
(ԻԶՄ.
1256),
եւ
միանգամայն
եկեղեցական
առանձնաշնորհմանց
շարքէն
տասը
կէտեր
ալ
վերցուցած
էին
(ԻԶՄ.
1257-1259),
զորս
Մկրտիչ
յանձն
առած
էր
զոհել
միայն
իր
կիրքը
յագեցնելու
համար:
Հրովարտակին
հետ
Մկրտիչի
կը
խոստացուէր
նաեւ
մէճիտիյէի
առաջնակարգ
շքանշան,
եւ
35
ոսկւոյ
ամսական
թոշակ
(95.
ԱՔՍ.
126):
Ներսէս
պատրիարք
հազիւ
թէ
հրովարտակին
ուղղակի
ստացուելուն
լուրը
կ՚առնէ,
բողոքոյ
յիշատակագիր
մը
կը
մատուցանէ
կառավարութեան,
հաւասարապէս
հերքելով
թէ
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքութեան
իրաւանց
եւ
թէ
կաթողիկոսութեան
առանձնաշնորհմանց
հակառակ
մասերը,
կը
պահանջէ
հրովարտակը
յետս
կոչել,
եւ
իր
նախկին
ձեւին
վերածել,
եւ
օգոստոս
8-ին
Մկրտիչի
ալ
կ՚ազդարարէ
հրովարտակը
ետ
դարձնել
կամ
պատրիարքարանի
յանձնել:
Օգոստոս
11-ին
դարձեալ
գրելով
անպատասխանի
մնացած
գիրերուն
պատասխանները
փութացնել
կը
պահանջէ,
եթէ
ոչ
ծանր
պատասխանատուութեան
պիտի
ենթարկուի
(ԻԶՄ.
1260):
Կ՚երեւի
թէ
պատրիարքին
սպառնական
շեշտը
ազդեցութիւն
մը
ըրած
է
Մկրտիչի
վրայ,
որ
լռութիւնը
բեկանելով
կը
պատասխանէր
թէ
ծրագիրին
մասին
բանակցութեան
մտնելու
համար
նախապէս
կը
սպասէ
իր
թեմական
ժողովուրդին
տեսութիւնները
ստանալ,
որուն
մասին
արդէն
գրած
է
(ԻԶՄ.
1261):
Միւս
կողմէն
ինքն
ալ
կ՚ազդուի
երբոր
կը
տեսնէ,
որ
երբ
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքութենէն
անկախ
դիրք
կը
ստանար,
ունեցած
առանձնաշնորհութենէն
կը
կապտուէր
եւ
հասարակ
առաջնորդներու
վայելած
արտօնութիւններէն
ալ
կը
զրկուէր:
2861.
ՀՐՈՎԱՐՏԱԿԻՆ
ՇՈՒՐՋԸ
Հրովարտակի
ստացութեամբ
եւ
պատրիարքարանի
ընդդիմութեամբ
Մկրտիչի
նոր
կացութիւն
մը
կը
բացուէր,
զոր
ոչ
կրնար
բացարձակապէս
պաշտպանել
եւ
ոչ
կը
յօժարէր
անկէ
հրաժարիլ,
եւ
խաբեպատիր
միջոցներէ
զատ
եղանակ
չէր
գտներ:
Վիճակայիններ
լուռ
մնացած
էին
գրգռիչ
շրջաբերականին
հանդէպ,
իսկ
պոլսեբնակ
կիլիկեցիները
աւելի
առաջ
անցան
երբ
որ
նոր
հրովարտակին
մանրամասնութեանց
տեղեկացան,
փետրուարին
կազմուած
քննիչ
յանձնաժողովը
ի
դիմաց
պոլսեբնակ
կիլիկեցւոց
Ներսէս
պատրիարքին
դիմեց,
եւ
1881
օգոստոս
24-ին
իրեն
միտքը
պարզեց
հինգ
որոշ
յօդուածներով,
թէ
1.
Չեն
ընդունիր
կաթողիկոսին
այն
առաջարկութիւնները
որոնք
հանրութեան
օգտին
ծառայելու
բնութիւն
չունին,
2.
Ազգային
միութենէ
չեն
բաժնուիր,
եւ
պատրիարքարանի
Կիլիկիոյ
վրայ
ունեցած
իրաւունքները
կ՚ընդունին,
3.
Էջմիածնի
սուրբ
աթոռին
նկատմամբ
բնաւ
ըսելիք
չունին,
միայն
կը
ցաւին
արդի
գահակալին
բացատրութեանց
մասին,
4.
Սսոյ
աթոռոյն
դարաւոր
իրաւունքներուն
պահպանութեանը
կը
փափաքին,
5.
Կիլիկիոյ
վիճակներուն
ճշդուիլը
եւ
սահմանադրութեան
համեմատ
կառավարուիլը
կ՚ուզեն
(ԻԶՄ.
1269-1274):
Կեդրոնի
երեսփոխանութեան
Ընդհանուր
ժողովը
1881
օգոստոս
27-ին
բողոքեց
Մկրտիչի
արարքներուն
դէմ
եւ
վարչութեան
յանձնեց
պարտուպատշաճը
գործել:
Ուստի
Ներսէս
հարկ
տեսաւ
ուղղակի
Մկրտիչի
հետ
տեսակցութիւն
մը
կատարել
Օրթաքէօյ
Եուսուֆեան
ատենապետին
տունը,
օգոստոս
30-ին
եւ
տեսակցութիւնը
թէպէտ
յուզեալ
վիճաբանութեան
մը
կը
փոխուի,
բայց
վերջապէս
Մկրտիչ
յանձն
կ՚առնէ
հրովարտակը
դարձնել
առանձնաշնորհութեանց
կորուստին
վրայ
հիմնուելով,
ինչպէս
ալ
սեպտեմբեր
2-ին
յանձնուիլը
նամակով
կը
ծանուցանէ,
եւ
միանգամայն
կը
խոստանայ
վարչութեան
պատրաստած
ծրագիրին
համեմատ
գործել
(ԻԶՄ.
1277):
Ասոր
վրայ
նոր
յանձնաժողով
մը
կը
կազմուի
սեպտեմբեր
12-ին,
Սսոյ
իրաւանց
եւ
պարտուց
վրայ
հիմնուած
կանոնագիր
մը
պատրաստելու,
որուն
անդամ
կը
նշանակուին
Պետրոս
եպիսկոպոս
Թահմիզճեան
Սեբաստիոյ
առաջնորդ,
Յովհաննէս
քահանայ
Մկրեան
նախկին
փոխանորդ,
եւ
աշխարհականներէն
Սարգիս
Աղաբէգեան,
Յակոբ
Ֆրէնկեան,
Յարութիւն
Նորատունկեան
եւ
Մատթէոս
Ալեքսանեան
(ԻԶՄ.
1280):
Յանձնաժողովոյ
անդամք
առաջին
խորհրդակցութիւն
մը
կ՚ունենան
պատրիարքին
եւ
վարչական
ատենապետին
հետ
սեպտեմբեր
16-ին
իրենց
ընելիքը
ճշդելու
(81.
ՄԱՍ.
2995),
եւ
մինչ
անոնք
գործի
կը
ձեռնարկեն,
Մկրտիչ
կը
սկսի
այս
կողմ
այն
կողմ
յայտարարել
թէ
յանձնառութեան
նամակը
ճնշման
ներքեւ
գրած
է
եւ
ստորագրած
է
(81.
ՄԱՍ.
3005)
եւ
իր
միտքէն
եւ
ուղղութիւններէն
շեղած
չէ:
Սակայն
յանձնաժողովը
իր
գործէն
ետ
չի
կենար,
եւ
հոկտեմբեր
3-ին
կը
լսուի
թէ
գործը
աւարտելու
մօտ
է,
եւ
թէ
Մկրտիչ
ալ
հրովարտակին
փոփոխութիւնը
կը
հետապնդէ
(81.
ՄԱՍ.
3007):
Իսկ
հոկտեմբեր
9-ին
Մկրտիչի
հետ
հիմնական
կէտերու
վրայ
կը
համաձայնի,
եւ
Մկրեանի
եւ
Նորատունկեանի
կը
յանձնուի
ծրագիրը
խմբագրել
(81.
ՄԱՍ.
3012):
Բայց
Մկրտիչ
խաբէական
եւ
երկդիմի
ընթացքը
ձեռքէ
չէ
թողուր,
եւ
այս
անգամ
ալ
լուր
կը
տարածէ
թէ
պատրաստուած
է
մեկնիլ,
եւ
հանրութեան
միտքին
մէջ
հետզհետէ
կը
հաստատուի
այն
կարծիքը,
թէ
համաձայնելու
համար
ցոյց
տուած
յօժարակամութիւնը
կեղծիք
մըն
էր
միայն
ժամանակ
շահելու
եւ
իւր
գործը
կամ
գաղտնի
դիմումները
յառաջ
տանելու
համար
(81.
ՄԱՍ.
3016):
Այդ
կասկածը
կը
զօրանայ
մեկնելու
պատրաստութիւններ
ընելովը,
եւ
միանգամայն
պահանջելովը,
որ
եթէ
Կիլիկիոյ
վիճակներուն
մէջ
Էջմիածնայ
կաթողիկոսը
պիտի
յիշատակուի
(81.
ՄԱՍ.
3017):
Մինչ
այս
մինչ
այն
լուր
կը
լսուի
թէ
յանձնաժողովոյ
անդամներ
հոկտեմբեր
15-ին
Մկրտիչի
մօտ
երթալով
երկար
տեսակցութիւն
կ՚ունենան,
պատրաստուած
ծրագիրը
երկուստեք
կը
համաձայնեցեն
եւ
համեմատութիւն
կը
գոյացնեն,
միասին
կը
ճաշեն,
եւ
Մկրտիչ`
Գէորգ
կաթողիկոսի
եւ
Ներսէս
պատրիարքի
կենաց
բաժակներ
կ՚առաջարկէ
(81.
ՄԱՍ.
3018),
եւ
երկուստէք
ստորագրուած
ծրագիրը
յարակից
տեղեկագիր
մըն
ալ
ունէր
հոկտեմբեր
21-ին
ստորագրուած
յանձնաժողովի
անդամներէն,
որ
կը
բացատրէ
թէ
ի'նչ
ուղղութեամբ
գործածուած
է,
եւ
ինչ
հիմամբ
Սսոյ
կաթողիկոսութեան
հետ
համաձայնութիւն
գոյացած
է
(81.
ՄԱՍ.
3016):
Ծրագիրը
կը
բաղկանար
18
յօդուածներէ
երեք
մասի
բաժնուած,
21
յօդուած
Մայրաթոռոյ
հետ
յարաբերութեանց
մասին,
9
յօդուած
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքութեան
հետ
յարաբերութեանց
նկատմամբ,
եւ
7
յօդուած
Սսոյ
աթոռին
ներքին
կազմութեան
վերաբերեալ:
Առաջին
մասը
կը
տրամադրէ
որ
Սիս
Էջմիածնի
գերագահութիւնը
կը
ճանչնայ,
բայց
Էջմիածին
ալ
Սիսը
հակաթոռ
եւ
հեստեալ
պիտի
չըսէ:
Երկրորդ
մասին
մէջ
Սսոյ
վիճակներուն
յարաբերութիւնները
ուղղակի
կաթողիկոսին
եւ
անոր
միջոցաւ
կեդրոնին
հետ
պիտի
կատարուին,
որով
կեդրոնի
իրաւունքները
կը
պահուին
եւ
Սսոյ
աթոռը
իր
վիճակներէն
օտարացած
չըլլար:
Երրորդ
մասին
մէջ
կըսուի
թէ
Սիս
աթոռանիստ
կը
մնայ,
եւ
թէ
անոր
ներքինին
համար
վանական
կանոնագիր,
եւ
արտաքինին
համար
նորոգութիւն
եւ
բարեկարգութիւն
պիտի
պատրաստուին
եւ
այդ
նպատակով
ինչ
ինչ
միջոցներ
կը
ցուցուին
(81.
ՄԱՍ.
3045):
Կատարուած
համաձայնութիւնը
իբրեւ
մեծ
յաջողութիւն
կը
տօնախմբուի
նոյեմբեր
8-ին
Հրեշտակապետաց
կիրակիին:
Առաւօտուն
մեծահանդէս
շուքով
Մկրտիչ
կաթողիկոս
կը
պատարագէ
Բերայի
Ս.
Երրորդութիւն
եկեղեցին,
եւ
Էջմիածնի
կաթողիկոսի
եւ
Ներսէս
պատրիարքի
յիշատակութիւնը
կը
կատարէ,
ցերեկին
Միքայէլ
Յակոբեան
մեծահարուստ
վաճառական
մեծահաց
կոչունք
կու
տայ
անոր
պատուոյն
իր
բնակարանին
մէջ,
որուն
կը
մասնակցին
բարձրաստիճան
եկեղեցականներ
եւ
ազգային
մեծամեծներ
(81.
ՄԱՍ.
3038):
Ներսէս
պատրիարք
ալ
վրայ
կը
հասնի
յատկապէս
խնդակցելու
համար,
բազմաթիւ
եւ
ոգեւորեալ
բաժակաճառեր
կը
խօսուին,
եւ
եկեղեցական
սխրալի
հանդէսի
օր
մը
անցուցած
կ՚ըլլան
(81.
ՄԱՍ.
3040),
այն
համոզմամբ
թէ
ամենայն
ինչ
վերջնականապէս
լրացած
է:
2862.
ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ
ՏԱԳՆԱՊ
Բայց
Մկրտիչի
յեղյեղուկ
եւ
նենգամիտ
ընթացքը
լրացած
չէր:
Նա
նոյն
օրերը
կը
ստանար
խոստացեալ
շքանշանը
եւ
ամսական
թոշակը
(§
2860),
որոնց
դէմ
արգելք
չյարուցանելու
համար
միայն
կարծես
պատրիարքարանը
կը
շոյէր,
եւ
նպատակէն
հասնելէն
ետքը
իսկոյն
կը
փոփոխէր
եւ
կը
մերժէր
ընկալեալ
ծրագիրին
մանրամասնութեանցը
համար
վարչութենէ
պատրաստուած
պայմանագիրը
եւ
զայն
չէր
ստորագրեր,
եւ
ծրագիրին
տուած
ստորագրութիւնն
ալ
կը
ժխտէր
թէ
ճնշման
ներքեւ
ստորագրած
էր,
որով
իրաւունք
կու
տար
հասարակաց
կարծիքին,
որ
քանիցս
տեսնուած
յեղյեղմանց
վրայ
զինքն
եկեղեցական
պատմութեան
մէջ
խորամանկութեան
մէկ
հատիկ
օրինակ
սկսած
էր
ճանչնալ
(81.
ՄԱՍ.
3047):
Ներսէս
պատրիարքի
վրայ
ալ
ազդեցին
այդ
անցուդարձերը,
մինչ
նոյեմբեր
7-ին
հրապարակաւ
գոհունակութիւն
կը
յայտնէր,
թէ
հանապազօր
եւ
կանոնաւորապէս
պատրիարքարան
կ՚իջնէ
եւ
կարեւոր
գործերով
կը
զբաղի
(81.
ՄԱՍ.
3037),
յանկարծ
կը
լսուի
թէ
12-ին
առանց
մէկու
մը
ծանուցանելու
մեծ
եպարքոսին
կ՚երթայ,
պաշտօնին
դժուարութեանց
վրայ
կը
խօսի
եւ
հին
ծրագիրը
կը
ներկայացնէ
եւ
հրաժարագիրը
կը
ներկայէ,
զոր
եպարքոսը
չընդունիր,
եւ
երբ
Ներսէս
կը
պնդէ`
ոչ
եպարքոսին,
այլ
արդարութեան
եւ
կրօնից
նախարարութեան
ուղղելու
ձեւակերպութիւնը
իրեն
կը
յիշեցուի:
Ըստ
այսմ
13-ին
արդարութեան
նախարարին
կը
տանի
եւ
կը
ձգէ
հրաժարագիրը,
եւ
14-ին
հրաժարականը
մատուցած
ըլլալը
վարչական
խորհուրդին
կը
հաղորդէ
(81.
ՄԱՍ.
3045):
Ներսէսի
առաջին
եւ
գլխաւոր
պատճառը
իր
անձնական
հիւանդութիւնն
ու
տկարութիւնն
էր,
բայց
պաշտօնավարութեան
դժուարութիւնները
առանձին
գիրով
կը
յիշէր,
եւ
այս
կարգին
կը
թուէր
պատրիարքարանէն
անկախաբար
Կիլիկիոյ
կաթողիկոսին
հրովարտակ
եւ
շքանշան
եւ
թոշակ
շնորհուիլը,
Հայոց
վրայ
կասկածանօք
նայուիլը,
կարող
առաջնորդաց
դէմ
հալածանքը,
եւ
հանգանակութեանց
արգիլուիլը
(81.
ՄԱՍ.
3047):
Այս
հրաժարականով
ծանր
տագնապ
մը
կը
սկսէր
ազգին
մէջ,
որ
տարի
մը
տեւեց:
Ամէնուն
բերանն
էր
Կիլիկիոյ
Մկրտիչին
խարդաւանքը,
որ
հոկտեմբեր
25-ի
նամակով
յօժարակամ
եւ
հաւանելով
ստորագրած
ըլլալը
յայտարարելէն
ետքը
(81.
ՄԱՍ.
3048),
ճնշման
ներքեւ
ստորագրած
ըլլալու
պատճառանքը
կը
ստեղծէր:
Իսկ
Ներսէսի
հրաժարականը
բոլորովին
անընդունելի
կը
դատուէր
այնպիսի
պարագաներու
ատեն,
որոնց
մէջէն
ելլելու
յոյսը
միայն
իրեն
վրայ
դրուած
էր:
Ազգայիններուն
չափ
այդ
խնդիրով
կը
զբաղէին
օտարազգի
լրագիրներն
ալ,
նոյն
իսկ
արտասահմանի
թղթակիցները,
եւ
պալատն
ու
կառավարութիւնն
ալ
հրաժարականը
մերժելով
մեծաւ
հոգածութեամբ
Ներսէսը
համոզել
եւ
հաճեցնել
կ՚աշխատէին:
Ընդհանուր
ժողովը
նոյեմբեր
26-ի
նիստին
մէջ
80-ի
աւելի
ներկայից
արտասովոր
միաձայնութեամբ
եւ
առանց
վիճաբանութեան
կը
մերժէր
հրաժարականը,
ատենապետաց
դիւանին
եւ
վարչական
խորհուրդին
յանձնելով
պաշտօնավարութեան
արգելքները
վերցնելու,
եւ
ժողովրդական
սիրելի
պատրիարքը
յիւր
աթոռ
դարձնելու
գործը
(81.
ՄԱՍ.
3052):
Բայց
Ներսէս
տակաւին
իր
պաշտօնի
վրայ
մնալը
վնասակար
կը
տեսնէր,
ինչպէս
որ
պէտք
էր
աշխատիլ
չկարենալուն
համար
(81.
ՄԱՍ.
3054).
իսկ
արդարութեան
եւ
կրօնից
նախարարը
միանգամ
(81.
ՄԱՍ.
3055),
եւ
երկիցս
(81.
ՄԱՍ.
3057)
ընդարձակ
տեսակցութիւններ
կ՚ունենար
Ներսէսի
հետ
անոր
գանգատանաց
նիւթ
եղող
կէտերը
լուսաբանելու
համար,
կայսեր
կողմանէ
ալ
բացարձակ
կամք
եւ
հրաման
կը
հաղորդէր
հրաժարականին
վրայ
չպնդելու
(81.
ՄԱՍ.
3058),
բայց
Ներսէս
տակաւին
կը
պնդէր,
եւ
իր
հիւանդութեան
հետ
կը
խառնէր
Մկրտիչի
տրուած
հրովարտակին
չփոխուիլը,
եւ
բարեկարգութեանց
խնդիրին
մէջ
պատրիարքի
միջամտութիւնը
արգիլելու
մասին
տաճիկ
լրագրաց
թելադրութիւնները
(81.
ՄԱՍ.
3062),
եւ
առհասարակ
ազգին
կացութեան
համար
ակնկալուած
բարելաւութեանց
համար
ազդու
միջոցներ
չգործադրուիլը:
Տարին
կը
լրանայ,
1882
տարիէն
ալ
ամիսներ
կը
սահէին,
ոչ
որոշում
մը
կը
տրուէր,
ոչ
կացութիւնը
կը
պարզուէր,
ոչ
Ներսէս
կը
համակերպէր
հրաժարականը
յետս
կոչել,
ոչ
ժողով
եւ
ժողովուրդ
կը
հաւանէր
հրաժարականը
ընդունիլ,
ոչ
կառավարութեան
կողմէ
ազդու
միջոց
մը
կը
գործածուէր,
եւ
ոչ
ալ
կայսեր
կողմէն
բարձրագոյն
հրաման
կը
ստացուէր:
Իւրաքանչիւր
ոք
իր
միտքին
եւ
կիրքին
համաձայն
մեկնութիւններ
կու
տար,
եւ
գաղափարներու
բաբելոնական
խառնակութիւն
կը
տիրէր:
Ներսէս
կը
մեղադրուէր
իբրեւ
թէ
խաղի
ելած
ըլլայ.
վասնզի
երբոր
հրաժարականին
վրայ
կը
պնդէր
եւ
պատրիարքարանի
մէջ
չէր
երեւար,
եթէ
կարեւոր
եւ
ստիպողական
գործ
մը
հանդիպէր`
անտարբեր
չէր
եւ
վարչութիւնն
ու
փոխանորդը
եւ
խորհրդականները
հրահանգել
չէր
զլանար,
եւ
փոխանորդ
Գէորգ
Ռուսճուդլեան
վարդապետն
ալ
ի
բացակայութեան
սրբազան
պատրիարք
հօր
պաշտօնագիրները
կը
ստորագրէր,
իբր
թէ
պատրիարքը
գործը
գիտցած
եւ
պատահաբար
բացակայ
գտնուած
ըլլար:
Ազգային
Ընդհանուր
ժողովը
նիստերը
դադրեցուցած
էր,
պատրիարքը
պաշտօնին
գլուխը
բերելու
համար
պէտք
եղածը
գործելու
հրահանգը
վարչութեան
եւ
իր
ատենապետութեան
յանձնելէն
ետքը,
սակայն
ժողովուրդը
երեսփոխանները
կը
մեղադրէր
եւ
բուռն
ցոյցերով
ալ
կը
դատափետէր
թէ
պէտք
եղածը
չեն
գործեր:
Մկրտիչ
Քէֆսիզեան
ստորագրութիւն
մը
տուած
էր,
զոր
թէպէտ
բերանացի
յետս
կը
կոչէր,
բայց
գրաւոր
բան
մը
չէր
յայտնած,
իբր
թէ
թող
կու
տար
որ
վարչութիւնը
գործէ,
բայց
ձեռքի
տակէն
ինքն
էր
որ
շարունակ
կը
խառնակէր,
հրովարտակին
փոխուիլը
կը
խափանէր,
եւ
Ներսէսի
յառաջ
բերած
պատճառներէն
գլխաւորը
միշտ
կենդանի
կը
պահէր:
Իրօք
ալ
կենսական
էր
հրովարտակին
խնդիրը,
զի
օսմանեան
հպատակ
հայութիւնը
մէկ
ազգ,
մէկ
ժողովուրդ,
եւ
մէկ
միութիւն
ըլլալէ
կը
դադրեցնէր,
եւ
Կիլիկիան
տարբեր
հայութիւն
եւ
տարբեր
ազգութիւն
պիտի
դառնար:
Արդարութեան
եւ
կրօնից
նախարար
Ճէվտէթ
փաշա
Մկրտիչի
անձնապէս
բարեկամ
եւ
անոր
տրուած
հրովարտակին
ալ
հեղինակը,
երբոր
խօսակցութեան
մտնէր`
անտեղութիւնը
կը
ճանչնար,
բայց
գործադրութենէ
խոյս
կու
տար,
ոչ
իր
ըրածը
կ՚ուզէր
քանդել
եւ
ոչ
իր
բարեկամը
ցաւցնել:
Եպարքոս
եւ
կայսր
թերեւս
աւելի
բարեմիտ
էին,
սակայն
կը
սպասուէր
որ
առաջին
քայլը
ձեռնհաս
նախարարութենէ
գար:
Բարենորոգմանց
կամ
ուրիշ
անունով
հայկական
խնդիր
մըն
ալ
կար,
որ
Ներսէսով
արծարծուած
էր,
որ
օտար
պետութեանց
միջամտութեան
դուռ
կը
բանար,
որ
օսմանեան
կառավարութեան
դիւր
չէր
գար,
եւ
կը
կարծուէր,
եւ
հաւանական
ալ
կ՚երեւար,
թէ
Ներսէսի
անձը
կայսեր
եւ
եպարքոսին
հաճելի
չեն,
եւ
անոնք
ալ
իրենց
նպատակն
ունին
գործը
չվերջացնելու
մէջ:
Այս
ամէն
դիտողութիւններով
մէկտեղ
կը
զգանք
որ
մեր
ուրուագիծն
ալ
յստակ
չէ,
բայց
ըստ
ինքեան
խառնակ
եւ
անյարիր
կացութիւնը
ուրիշ
կերպ
հնար
չէր
պատկերացնել,
եւ
աւելի
ալ
չենք
երկարեր,
զի
մեր
նպատակը
օրագրական
մանրամասնութեանց
մտնել
չի
կրնար
ըլլալ:
2863.
ՏԱԳՆԱՊԻՆ
ՊԱՐԶՈՒԻԼԸ
Այդ
շփոթ
կացութեան
մէջ
երբ
1882
մայիս
1-ին
Ներսէսի
հրաժարականին
գլխաւոր
պատճառը
հարթուած
կը
կարծուէր,
զի
կառավարական
յանձնաժողովը
կ՚առաջարկէր
Կիլիկոյ
կաթողիկոսութիւնը
իւր
նախկին
վիճակին
վերածել,
առանց
որեւէ
նոր
փոփոխութիւն
մուծանելու
(82.
ՓՆՋ.
1668),
յանկարծ
կը
լսուի
թէ
մայիս
12-ին
Մկրտիչ
կաթողիկոսը
Կ.
Պոլիսը
թողած
է
եւ
անակնկալ
կերպով
մեկնած:
Ըսողներ
եղան
թէ
Մկրտիչ
տեսնելով
որ
իր
խնդիրը
մոռցուած
է,
յանկարծ
թօթափեց
պատրիարքարանի
լուծը,
թօթափեց
իւր
ոտից
փոշին
եւ
հեռացաւ
Պոլիսէն
(95.
ԱՔՍ.
126):
Բայց
եթէ
պարագաները
իրարու
մերձեցնենք,
պէտք
է
ըսենք,
թէ
Մկրտիչ
մօտալուտ
տեսնելով
իր
խաղերուն
վերջը
եւ
իր
խորամանկ
ընթացքին
ամբարտակին
քայքայումը,
չուզեց
անոր
աւերակին
ներքեւ
մնալ,
այլ
խուսափելով
ինքզինքը
ազատեց
եւ
գործին
վերջանալը
անհնար
դարձուց,
եւ
այդ
նպատակին
հասնելու
համար
փախուստի
կերպը
մտածեց:
Գործին
իսկութիւնն
ալ
այդ
տեսութիւնը
կը
հաստատէ:
Մայիս
10-ին
երկտող
մը
կ՚ուղղէ
Եուսուֆեան
ատենապետին
թէ
12-ին
կը
մեկնի,
Եուսուֆեան
իսկոյն
կը
պատասխանէ
որ
ուղեւորութիւնը
յետաձգէ
մինչեւ
տեսակցին,
որ
անտեղի
հետեւանքներ
չծագին:
Մկրտիչ
միայն
12-ին
առտուն
կը
պատասխանէ
թէ
իրեն
համար
գործ
չէ
մնացած,
եւ
նոյն
ժամուն
գումարուած
ժողովը
կը
կրկնէ
յետաձգելու
ազդարարութիւնը,
որ
15-ին
տեսակցին
եւ
խորհրդակցին,
բայց
Մկրտիչ
արդէն
շոգենաւ
մտած
էր,
եւ
նամակը
տանող
բարապանին
բերանացի
կը
պատասխանէ
թէ
ամենայն
ինչ
լրացած
է
եւ
փոխել
հնար
չէ,
եւ
շոգենաւը
քիչ
ետքը
ճամբայ
կ՚ելնէ
(82.
ՓՆՋ.
1672):
Մկրտիչ
իրեն
արդարացման
համար
ըսած
կ՚ըլլայ
որ
կրօնից
նախարարէն
հրաման
առած
է,
բայց
կրօնից
տեսուչը
հակառակն
է
խօսած
իրեն,
եւ
նոյն
իսկ
իր
պատմութեան
համեմատ
նախարարը
եթէ
բանաւոր
արգելք
մը
չկայ
ըսեր
է
եղեր
(82.
ՓՆՋ.
1672),
իսկ
բանաւոր
արգելք
իրօք
կար
եւ
ինքն
ալ
գիտէր:
Պատրիարքարանը
նաւահանգիստներ
կը
հեռագրէ
թէ
փախստեամբ
մեկնած
է
եւ
պատիւներ
չըլլան,
բայց
Մկրտիչ
տեղ
մը
չհանդիպիր
եւ
շիտակ
Մերսին
ցամաք
ելլելով
Ատանա
կը
հասնի
եւ
բացարձակ
գործելու
կը
սկսի
(82.
ՓՆՋ.
1676):
Մկրտիչ
Կ.
Պոլիս
հասած
էր
1880
նոյեմբեր
23-ին,
որով
1882
մայիս
12-ին
իբր
18
ամիսէն
Կ.
Պոլիս
կը
թողուր:
Մենք
ալ
զինքը
կը
թողունք
պահ
մը,
եւ
պատրիարքական
տագնապին
կը
դառնանք
որ
պատրիարքարանին
համար
գլխաւոր
գործն
էր,
Կիլիկիոյ
խնդիրէն
անկախաբար
առեալ,
թէպէտ
Ներսէսի
տեսութեամբ
իր
հրաժարականին
պատճառը
աւելի
կը
ծանրանար
այս
կերպով,
եւ
ոչ
թէ
կը
թեթեւնար:
Պաշտօնական
եւ
անպաշտօն,
ժողովրդական
եւ
մտերմական,
համոզկեր
եւ
աղաչաւոր,
բոլոր
դիմումներ
չէին
ազդած
Ներսէսը
իր
միտքէն
հեռացնել,
հիւանդութեան
պատճառը
եւ
աշխատելու
անբաւականութիւնը
միշտ
կը
յեղյեղուէր,
բայց
նա
աւելի
բան
մը
կը
սպասէր,
զգալի
հետեւանք
մը
ազգին
եւ
պատրիարքութեան
նպաստաւոր,
թէ
ոչ
գոնէ
պատասխանատուութենէ
ազատուիլ:
Վարչութիւնը
կը
խորհի
խնդիրը
Ընդհանուր
ժողովին
հանել,
եւ
1882
մայիս
20-ին
հինգշաբթի
օր
ժողովը
կը
գումարուէր,
հրաժարականի
խնդիրին
վրայ
խորհելու,
եւ
ժողովրդական
բուռն
ցոյցերու
մէջ,
որ
երեսփոխանութիւնը
կը
մեղադրէր
եւ
կը
նախատէր
թէ
պարտուպատշաճը
չի
խորհիր
ու
չի
գործեր,
ժողովը
վարչական
խորհրդոյ
եւ
ատենապետաց
դիւանի
տեղեկութիւնները
լսելով
կ՚որոշէր
միահամուռ
Խասքէօյ
երթալ
եւ
կացութիւնը
ըստ
բաւականին
պարզուած
եւ
խնդիրներէն
մի
մասը
լուծուած
եւ
միւսը
պատրաստուած
ըլլալը
յիշեցնելով,
եւ
իրեն
հանգստեան
եւ
դիւրութեան
համար
պէտք
եղած
զոհողութիւնն
ալ
յանձնառու
լինիլնին
յայտնելով,
թախանձել
որ
պաշտօնին
գլուխը
դառնայ
(82.
ՓՆՋ.
1674):
Որոշումը
գործադրուեցաւ
կիրակի
օր
մայիս
23-ին,
բազմաթիւ
երեսփոխաններ
ամէն
դասակարգէ
Խասքէօյ
խմբուեցան
Չըքսալրի
բարձունքը,
ուր
էր
Ներսէսի
հօրենական
համեստ
բնակարանը,
3-100
հոգի
ալ
քաղաքացի
եւ
գաւառացի
անոնց
ետեւէն
խռնեցաւ,
թէպէտ
Ներսէս
կանուխէն
պէտք
եղած
տեղեր
լուր
ղրկած
էր,
որ
պարապ
տեղ
աշխատանք
չքաշեն:
Ամէն
փորձ,
ամէն
խօսք,
աղաչանք
եւ
թախանձանք
չկրցան
Ներսէսը
իր
միտքէն
շարժել,
եւ
ձեռնունայն
դարձաւ
արտասովոր
ցոյցը:
Սակայն
հնար
չէր
անգործ
մնալ.
երեքշաբթի
մայիս
25-ին
մասնաւոր
խորհրդակցութիւն
մը
կատարուեցաւ
Նարպէյ
եպիսկոպոսի
նախագահութեամբ,
եւ
հոն
որոշուեցաւ
բոլոր
երեսփոխաններու
ստորագրութեամբ
ուղերձ
կամ
աղերսագիր
մը
ներկայել
(82.
ՓՆՋ.
1675):
Գրուածը
պատրաստուեցաւ,
ստորագրութիւններ
հաւաքուեցան,
եւ
պատուաւոր
պատգամաւորութեամբ
ներկայացուեցաւ
յունիս
10-ին,
սակայն
Ներսէս
իսկոյն
նոյն
օր
գրով
պատասխանեց
թէ
պարզապէս
իր
տկարութեան
եւ
անբաւականութեան
համար
պարտաւորեալ
է
հրաժարիլ,
եւ
ոչ
թէ
երեսփոխանաց
եւ
ոչ
որեւիցէ
ժողովոց
հետ
աններդաշնակութեան
պատճառաւ,
եւ
կը
խնդրէր
շնորհք
ընել
փութանակի
յաջորդ
մը
ընտրել
իրեն
(82.
ՓՆՋ.
1680):
Այլեւս
Ներսէսը
գործի
դարձնելու
յոյսերը
կտրուեցան,
ուստի
17-ին
Ընդհանուր
ժողովը
եւ
19-ին
վարչական
խորհուրդը
նիստեր
ըրին
պատշաճը
խորհելու
եւ
կացութիւնը
կառավարութեան
ալ
ներկայելու,
որուն
մատուցած
էր
Ներսէս
իր
հրաժարականը
(82.
ՓՆՋ.
1681),
եւ
անմիջապէս
նոյն
օր
յունիս
19-ին
յիշատակագիր
պատրաստելով
ներկայացուցին
արդարութեան
եւ
կրօնական
գործոց
նախարարին,
խնդրելով
որ
շնորհ
ընէ
ընդ
փոյթ
հաղորդել
պատրիարքարանի
կայսերական
կառավարութեան
բարձր
տնօրէնութիւնը
(82.
ՓՆՋ.
1683):
Կառավարութեան
պատասխանը
երկարեցաւ
եւ
գործերը
սկսան
աւելի
կաղալ,
վարչական
խորհուրդը
հրաժարեցաւ
եւ
քաշուեցաւ,
եւ
սեպտեմբեր
9-ին
նոր
մը
ընտրուեցաւ
Սերվիչէն
բժշկապետի
ատենապետութեամբ
(82.
ՓՆՋ.
1704),
սակայն
այն
ալ
գործի
չսկսած
հրաժարեցաւ
(82.
ՓՆՋ.
1705)
եւ
անիշխանութիւնը
կատարեալ
էր
պատրիարքարանի
մէջ,
եւ
նորէն
Ներսէսը
թախանձելու
խորհուրդներ
սկսան
մշակուիլ:
Վերջապէս
նախարարութենէ
գործը
ազգային
որոշման
կը
թողուի,
սեպտեմբեր
30-ին
Ընդհանուր
ժողով
կը
գումարուի,
Ներսէսի
նոր
դիմում
ընելու
գաղափարը
կը
խօսուի
եւ
կը
ծեծուի,
բայց
վերջապէս
54
ներկաներէ
35
քուէով
հրաժարականը
կ՚ընդունուի,
եւ
իբրեւ
յետին
պարտք`
յոտնկայս
շնորհակալութեան
օրակարգ
մը
կը
քուէարկուի,
իսկ
տեղապահի
ընտրութեան
համար
նոր
հրահանգ
կ՚ուզուի
կառավարութենէն
(82.
ԱՐԵ.
421-422),
եւ
կացութիւնը
անգամ
մըն
ալ
կը
կնճռոտի:
2864.
ՆԵՐՍԷՍԻ
ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒԻԼԸ
Տեղապահի
ընտրութիւնը
ըստ
սահմանադրութեան
վերապահուած
էր
խառն
ժողովոյ,
այսինքն
կրօնական
եւ
քաղաքական
ժողովներու
համախումբ
գումարման,
որ
դադարած
էր
յորմէհետէ
վարչական
խորհուրդի
կամ
տեսակ
մը
նախարարական
ձեւի
վերածուած
էր
պատրիարքարանի
վարչութիւնը
(§
2853):
Նոր
դրութեան
մէջ
կային
կրօնական
եւ
քաղաքական
ատեաններ
կամ
խորհուրդներ,
որոնք
կրնային
համախումբ
խառն
ժողովոյ
գործը
կատարել,
սակայն
նոր
դրութիւնը
պետական
հաստատութիւն
չունէր,
եւ
այդ
թերութեան
խիղճն
էր
որ
կառավարութենէ
ընտրութեան
հրահանգ
խնդրելու
կը
յորդորէր:
Կառավարութիւնն
ալ
իբրեւ
եղելութեան
գիտակ,
կամ
թէ
անգիտակ
ձեւանալով,
կը
պատասխանէ
որ
սահմանադրութեան
ցուցած
եւ
ցարդ
գործադրուած
ձեւով
վարուին,
եւ
ասկէ
կը
ծագի
նոր
գործողութեանց
շարք
մը:
Վարչական
խորհուրդին
հինն
ալ
նոր
ընտրուածն
ալ
գործէ
ձեռնթափ
էին,
նոր
ձեւը
պետական
հաստատութիւն
չունէր,
անոր
գործունէութիւնն
ալ
ընդհանուր
համակերպութեան
եւ
գոհունակութեան
չէր
առաջնորդած,
ուստի
կ՚որոշուի
նորէն
հինին
դառնալ
նախարարութեան
կողմէ
փոխանորդին
ալ
խօսուած
թելադրութեան
համաձայն
(82.
ԱՏՆ.
186),
եւ
նորէն
14-ական
անդամներով
երկու
ժողովներ
կազմել,
անոնց
հաստատութիւնն
ընդունիլ,
եւ
անոնց
ձեռքով
տեղապահ
ընտրել:
Անիշխանութիւնը
այս
անգամ
կատարեալ
էր
եւ
գործին
ընթացքն
ալ
բաւական
ժամանակի
կարօտ:
Մէկ
կողմէ
քաղաքական
ժողովը
նախ
կազմուեցաւ
(82.
ԱՏՆ.
234),
Սիմոն
Մաքսուտեանի
ատենապետութեամբ,
եւ
նոյեմբեր
1-ին
հաստատութիւնը
ստացուեցաւ,
եւ
կրօնական
ժողովի
կազմութիւնն
ալ
լրացնելով
(82.
ԱՏՆ.
276)
նոյեմբեր
17-ին
վարչութեան
կողմէ
շրջաբերական
մը
հրատարակուեցաւ
իրեն
բռնելիք
ընթացքին
մասին
(82.
ՓՆՋ.
1724),
եւ
տեղապահի
ընտրութեան
համար
պաշտօնական
արտօնագիրը
ստանալու
ժամէժամ
կը
սպասուէր,
եւ
տեղապահցու
որոշելու
խնդիրը
ամէն
խաւերու
մէջ
կ՚արծարծուէր,
եւ
բազմաթիւ
ընտրելիներ
կը
խօսուէին,
եւ
իւրաքանչիւրը
իր
պաշտպաններն
ունէր,
Պրուսայի
առաջնորդ
Բարթուղիմէոս,
Կարնոյ
առաջնորդ
Յարութիւն,
Զմիւռնիոյ
առաջնորդ
Մելքիսեդեկ,
Եւդոկիոյ
առաջնորդ
Յակոբ
եպիսկոպոսներուն
անունները
աւելի
կը
յեղյեղուէին:
Մայրաքաղաքի
մէջէն
ալ
Սիմոն
Սէֆէրեան
եւ
Հմայեակ
Դիմաքսեան
շարքին
կը
մտնէին,
բայց
ամենէն
աւելի
հետապնդող
եւ
աշխատող
եւ
ամէն
միջոցներ
գործածողը
Խորէն
Նարպէյն
էր,
որ
մինչեւ
իսկ
Լուսինեան
նորաստեղծ
մականունը
կը
զոհէր,
ականջը
հասած
ըլլալով
թէ
արքայազուն
ըլլալու
յաւակնութիւնները
եւ
Կիպրոսի
թագին
ժառանգ
ըլլալուն
խօսքերը
գէշ
տպաւորութիւն
ըրած
էին
պետական
շրջանակներու
մէջ:
Միւս
կողմէն
իր
անձնական
կենցաղը,
գաւառական
պաշտօններէ
փախուստը
եւ
եկեղեցականութեան
անյարմար
կերպերը
հրապարակաւ
լրագիրներու
մէջ
կը
հրատարակուէին,
որ
չըլլայ
թէ
ընտրողներու
վրայ
ազդեցութիւն
գործած
ըլլան
անոր
արտաքին
եւ
ուսումնական
առաւելութիւնները:
Երբոր
այսպէս
նոր
ընտրութեան
տենդը
ընտրողներու
եւ
ընտրելիներու
եւ
բովանդակ
ժողովուրդին
վրայ
տիրած
էր,
նոր
անակնկալ
մը
կացութիւնը
բոլորովին
կը
փոխէ:
Երբոր
Ներսէսի
հրաժարականին
ընդունելութիւնը
կայսերական
հաւանութեան
կ՚առաջարկուի,
Ապտիւլհամիտ
կայսր
բացէբաց
կը
մերժէ
եւ
պատրիարքութիւնը
շարունակելու
բարձր
հրամանը
կ՚արձակէ:
Երեքշաբթի
նոյեմբեր
29
Մեծեպարքոս
Սայիտ
փաշայէ
հրաւէր
մը
կու
գայ
Ներսէսի,
նոյն
օր
կամ
թէ
միւս
առտու
իրեն
մօտ
գալու
Նշանթաշի
ապարանքը,
եւ
Ներսէս
կը
փութայ
միայնակ,
սոսկ
բարապան
մը
միասին
առնելով,
նոյն
օր
կոչին
երթալ:
Այնտեղ
երեք
ժամի
չափ
խորհրդակցութիւն
եւ
բանակցութիւն
կը
կատարուի
երկուքին
մէջ:
Եպարքոսը
կը
հաղորդէ
կայսերական
անդառնալի
հրամանը:
Ներսէս
կը
պատասխանէ
իր
դժուարութիւնները
յառաջ
բերելով:
Իր
անձնական
տկարութեան
համար
եպարքոսը
կը
պատասխանէ
թէ
տեւողական
հիւանդութիւն
մը
աշխատութիւն
չարգիլեր
եւ
զգուշութեամբ
կրնայ
դարմանուիլ.
իր
անբաւականութեան
համար
կը
պատասխանէ
թէ
ազգն
ու
տէրութիւնը
կատարեալ
վստահութիւն
ունին
իրեն
վրայ.
Ընդհանուր
ժողովէն
հրաժարականին
ընդունուած
ըլլալուն
կը
պատասխանէ
թէ
ժողովը
իրմէ
գանգատ
կամ
դժգոհութիւն
ունեցած
չէ,
եւ
միայն
յոչկամաց
զիջած
է
իր
յամառ
պնդումին
առջեւ:
Անլոյծ
մնացած
խնդիրներուն
համար
ալ
կը
պատասխանէ
թէ
երբ
պաշտօնը
ստանձնէ`
անոնք
աւելի
դիւրաւ
պիտի
կարգադրուին,
մէկ
խօսքով
եպարքոսը
ամէն
փախուստի
ճամբաները
կը
փակէ,
եւ
Ներսէսի
բարձր
հրամանին
հպատակելէ
զատ
եղանակ
չմնար,
եւ
անոր
առջեւ
խոնարհելով
կը
մեկնի
(82.
ԱՐՁ.
689):
Եպարքոսէն
կրօնից
նախարարին,
եւ
անկէ
պատրիարքարանի
պաշտօնական
տեղեկութիւն
տրուեցաւ,
փոխանորդ
Ռուսճուքլեան
եւ
ատենապետ
Մաքսուտեան
բարձրագոյն
դուռ
ալ
երթալով
բերանացի
հրահանգներ
ստացան,
խառն
ժողովը
պարտուպատշաճը
տնօրինեց
եւ
ամէն
կողմէ
շնորհաւորողներ
փութացին
Խասքէօյ
(82.
ՓՆՋ.
1727):
Ուրբաթ
դեկտեմբեր
3-ին
Ընդհանուր
ժողով
գումարուեցաւ
մայր
եկեղեցին,
կայսերական
հրամանը
եւ
նախարարական
հրամանագիրը
հաղորդուեցան
ընդհանուր
խնդութեան
եւ
ծափահարութեանց
մէջ
(82.
ԱՏՆ.
274-277):
Ներսէս
պատրիարք
Երուաղէմատունէ
ժողով
եկաւ
պատգամաւորներէ
առաջնորդուած,
եւ
մայր
եկեղեցւոյ
դպրաց
դասուն
երգեցողութիւններով,
ծափահարութիւններ
կրկնուեցան
(82.
ԱՏՆ.
277-278),
փոխադարձ
արտայայտութիւններ
եւ
շնորհաւորութիւններ
եւ
կայսեր
կենաց
մաղթանքներ
եղան
եւ
ժողովական
նիստը
կատարեալ
հանդիսութեան
փոխուեցաւ,
եւ
որոշուեցաւ
կայսեր
ալ
շնորհակալութեան
ուղերձ
մատուցանել
(82.
ԱՏՆ.
280):
Երեսփոխաններէն
ոմանք
որ
ժողովին
կողմէ
հրաժարականը
ընդունուելէն
ետքը
պատրիարքին
վերադառնալուն
դիտողութիւն
ընելով
ժողովատեղին
մտած
չէին,
ընդհանուր
ցոյցին
առջեւ
չկրնալով
այլ
եւս
պնդել,
անոնք
ալ
պատրիարքին
հետ
ժողովի
եկան
եւ
արտայայտութեանց
մասնակցեցան
(82.
ՓՆՋ.
1728):
Կիրակի
դեկտեմբեր
5-ին
մայրաքաղաքի
եկեղեցիներու
մէջ
գոհաբանական
եւ
կայսեր
կենաց
մաղթողական
աղօթքներ
կատարուեցան,
եւ
ցերեկէն
ետքը
կայսեր
կողմէ
հազար
ոսկւոյ
նպաստ
մը
ղրկուեցաւ
Ներսէսի:
Երկուշաբթի
դեկտեմբեր
6-ին
կայսեր
կողմէն
հրաւիրուեցաւ,
ուր
շքեղ
ճաշէ
մը
ետքը,
կայսրն
ալ
զայն
իր
ներկայութեան
կ՚ընդունէր,
քովը
կը
նստեցնէր,
սիրոյ
եւ
վստահութեան
վկայութիւններ
կը
կրկնէր,
եւ
երբ
դուրս
կ՚ելլար
եպարքոսը
առիթ
կ՚առնէր
կրկնելու,
թէ
տեսա
՞
ք,
ես
չըսի
՞
ձեզի
թէ
նորին
վեհափառութիւնը
սէր
ու
համակրութիւն
ունի
առ
ձեզ
եւ
առ
ազգն:
Նոյն
պահուն
ականակուռ
տուփ
մըն
ալ
ընծայ
կ՚ընդունէր
Ներսէս
եւ
մեծ
պատուասիրութեամբ
կը
մեկնէր,
եւ
եկեղեցւոյ
եւ
պատրիարքարանի
մէջ
կայսեր
դէպ
առ
ազգն
համակրական
եւ
ապագային
համար
խոստմնալից
խօսքերը
կը
հաղորդէ,
եւ
մաղթանօք
եւ
օրհնութեամբ
օրը
կը
փակուի,
եւ
Ներսէս
գործի
գլուխ
կ՚անցնի
(82.
ՓՆՋ.
1729),
իսկ
չորեքշաբթի
դեկտ.
8-ին
ազգային
ժողովոյ
կողմէն
կայսեր
մատուցուելիք
շնորհակալեաց
ուղերձը
կը
ներկայացուի
մեծ
եպարքոսին
(82.
ՓՆՋ.
1730):
Պատրիարքական
տագնապին
այդ
վերջաւորութիւնը
ապագային
համար
երաշխաւորութիւն
մըն
էր
թէ
այլեւս
պիտի
չկրկնուի:
2865.
ՊԱՐԱԳԱՅԻՑ
ՊԱՐԶԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Պատմական
կարեւոր
եղելութիւնները,
մանաւանդ
անոնք
որ
իրենց
մէջ
նոր
եւ
անսովոր
կէտեր
կը
պարունակեն,
հնար
չէ
առանց
խորհրդածութեան
անցունել,
եւ
պէտք
է
գործին
ուղիղ
տեսակէտը
ճշդել:
Ներսէս
իր
հրաժարականով
տարի
մը
ամբողջ
1881
նոյեմբեր
13-էն
մինչեւ
1882
նոյեմբեր
29
ազգը
ահագին
տագնապի
մէջ
պահած
էր,
գործերուն
երեսի
վրայ
մնալուն
պատճառ
եղած
էր,
եւ
ազգին
մէջ
խծբծանքներու
առիթ
ընծայած
էր:
Արդ,
ի՞նչպէս
եղաւ
որ
քանի
մը
ժամուան
մէջ
հրաժարականը
ետ
առաւ:
Ներսէս
հրապարակաւ
եւ
յամառ
կրկնութեամբ
զինքն
անբաւական
եւ
իր
պաշտօնի
վրայ
մնալը
վնասակար
հռչակելէն
ետքը,
ի՞նչպէս
կրցաւ
միտքը
փոխել
զինքն
կարող
եւ
իր
պաշտօնավարութիւնն
օգտակար
ցուցնել:
Ներսէս
իր
հրաժարականը
մինչեւ
ազգին
կողմէ
ընդունել
տալու
հասցնելէն
ետքը,
ի՞նչպէս
կրցաւ
օրինաւոր
գործողութիւն
մը
ոտնակոխ
ընել
եւ
ժողովէն
դուրս
իր
պաշտօնին
վերստին
յանձնառու
ըլլալը:
Ներսէս
հայկական
խնդիրը
ստեղծելէն
եւ
օսմանեան
կայսեր
եւ
կառավարութեան
միտքին
հակառակ
գործելէն,
եւ
լաւ
աչքով
չնայուելէն
ետքը,
ի՞նչպէս
կրցաւ
կայսեր
սիրելին
եւ
վստահելին
դառնալ:
Միթէ
մեղադրելի
փոփոխականութեամբ
մը
կայսեր
հաճելի
եւ
կառավարութեան
վստահելի
միջոցներու
ձեռնարկե՞ց,
կամ
թէ
հակառակ
անընչասիրութեան
համբաւին
կայսերական
ընծաներով
շահուեցա՞ւ
եւ
ստորնացա՞ւ,
ինչպէս
եղան
հազար
ոսկին
եւ
ականակուռ
տուփը,
եւ
Օրթաքէօյի
տունը
որ
քանի
ամիս
ետքը
շնորհուեցաւ
(83.
ՓՆՋ.
1766):
Այդ
տեսութիւնները
կրնայինք
դեռ
շարունակել,
զորս
ոչ
թէ
մենք
կը
մտածենք,
այլ
նոյն
օրեր
ոչ
միայն
առտնին
եւ
առանձին
տեղեր,
այլ
եւ
լրագիրներուն
սիւնակներուն
մէջ
ալ
արտայայտուեցան:
Սակայն
առեղծուածական
կարծուածը
շուտով
կը
լուծուի
եթէ
իրաց
եւ
անձանց
վիճակին
հետ
գործերուն
բնութիւնը
նկատի
առնուի:
Ներսէս
բնութեամբ
նեղսիրտ,
հիւանդութեամբ
դառնացած,
իր
կեանքին
վտանգը
հասկացած,
ինքզինքը
հանգիստի
տալու
անհնարութեան
մէջ
գտնուած,
միւս
կողմէ
մեծահոգի,
եւ
կարեւոր
գործերու
սիրահար,
անոնց
համար
անձնազոհ
ըլլալու
չափ
պատրաստական,
բայց
արտաքին
դժուարութիւններէ
նեղուած,
ներքին
խծբծանքներէ
զգածուած,
բարձր
ակնկալութեան
մէջ
վրիպած,
եւ
յախուռն
քայլեր
առնելէ
վախցած,
իրօք
այնպիսի
վայրկեաններ
ունէր,
որոնք
իրարու
անյարիր
կը
տեսնուէին,
այլ
ոչ
անյարիր
զգացմանց,
այլ
անյարիր
պարագայից
հետեւանք
էին:
Մենք
չենք
ուզեր
ըսել
թէ
Ներսէս
փառքի
գաղափարը
չունէր,
մինչեւ
իսկ
կ՚արդարացնենք
փառասիրութիւնը
եթէ
իբր
իրական
արդեանց
հետեւանք
հետապնդուի,
եւ
ոչ
թէ
անուղիղ
միջոցներով
եւ
սին
երեւոյթներով
ձեռք
ձգել
ուզուի:
Ներսէս
եթէ
մեծ
ըլլալ
եւ
մեծապէս
փառաւորուիլ
կը
սիրէր,
զայն
գովանի
եւ
օգտակար
արդիւնքներով
շահիլ
կ՚ուզէր,
եւ
այս
անկեղծ
իղձերն
էին
որ
հակառակ
ամէն
քննադատութեանց
զինքն
միշտ
յարգելի
եւ
սիրելի
կը
պահէին.
այդ
օրինաւոր
զգացումներն
էին
որ
զինքը
կը
բարձրացնէին,
այդ
ուղիղ
դիտումներն
էին
որոնց
ակնկալութեամբ
ինքն
ալ
կ՚օրօրուէր:
Անբաւականութեան
պատճառանքը
զոր
կը
յեղյեղէր,
անշուշտ
ինքզինքը
ապիկար
կարծելը
չէր,
այլ
պարագաներուն
վրայ
իշխելու
յուսաբեկութիւնն
էր.
հիւանդութեան
պատճառը
ոչ
այնչափ
անկէ
յառաջ
եկած
նեղութիւնն
էր,
այլ
ամիսներով
անկողին
մնալու
հարկն
էր,
եւ
մարմինին
ու
երեսին
վրայ
ուռոյցներով
եւ
պալարներով
տանջուիլն
էր
որոնք
զինքը
գործելէ
կ՚արգիլէին,
եւ
որոնց
ներքեւ
որեւէ
ամուր
սիրտ
մը
չէր
կրնար
իր
արիութիւնը
պահել:
Իր
պաշտօնին
վրայ
մնալը
վնասակար
ըսելը
իր
կարողութենէն
թերահաւատութիւն
չէր,
այլ
իր
անձնական
արգելքներուն
պատճառով
գործառնութեանց
ետեւ
մնալուն
վախն
էր:
Ասոնց
հետ
մէկտեղ
որովհետեւ
իր
նախաձեռնութեամբ
ձեռնարկ
մը
սկսած
էր,
ձեռնարկին
ծրագիրը
ինքն
կազմած
էր,
գործին
շուրջը
թերահաւատներու
խմբակ
մը
կը
տեսնուէր,
վախ
մը
կը
ծագէր
սիրտին
մէջ
մի'
գուցէ
գործը
լքանելով
անոր
ձախողելուն
կամ
կորսուելուն
առիթ
տուած
ըլլայ,
եւ
այս
պատճառով
բոլորովին
քաշուելու
որոշումէն
կը
խրտչէր:
Աչքը
չորս
դին,
միտքը
շուարած,
որեւէ
կողմէ
մը
վստահութեան
նշոյլ
կը
փնտռէր,
ազգային
համակրութեան
ցոյցերը
լաւ
էին,
բայց
ոյժ
չէին,
զի
գործին
չէին
կրնար
ազդել,
հսկող
պետութեանց
քայլերն
ու
յորդորները
կրնային
բան
մը
արժել,
բայց
իրականութեան
չէին
անցներ,
կայսերական
կամքն
ու
պնդումը
եւ
արտայայտութիւնը
իբրեւ
խաւարին
մէջ
լոյս
մը
ծագեցան
իր
աչքին:
Կրնար
կարծել
թէ
վեհապետը
կասկածանօք
կը
նայի
իր
վրայ,
թէ
իր
ձեռնարկը
անոր
հաճոյ
չէ,
թէ
իր
գործը
նա
քանդել
կ՚ուզէ,
բայց
նոր
նշանները
հակառակը
կ՚ապացուցէին,
միակ
ակնկալութեան
աղբիւրը
իր
մտաց
տեսութեան
առջեւ
ցոլացաւ
եւ
չուզեց
զայն
անարգել,
բաւական
վստահելի
բացատրութիւններ
ստացաւ
եպարքոսէն,
մտածած
դժուարութիւնները
կերպով
մը
փարատեցան,
եւ
այդ
զգացման
ներքեւ
գործի
դառնալ
յանձնառու
եղաւ,
հրաժարականը
ետ
առաւ,
գործի
գլուխ
անցաւ,
եւ
եթէ
հաստատուն
հաւատք
ալ
չունեցաւ,
բայց
գործնականապէս
առիթն
անարգելու
պատճառ
չտեսաւ,
եւ
գործնական
յուսադրութեան
հիմամբ
վարուեցաւ:
Ինքն
կանուխ
յարաբերութիւն
ունեցած
չէր,
տեսակցութիւններ
ըրած
չէր,
սակարկութեան
մտած
չէր,
որ
իր
վրայ
կասկածելու
հիմ
ունենայինք,
իսկ
ընծաները`
գումարն
ու
տուփը,
իրական
թէ
խաբէական,
յուսադրութիւնը
աւելցնելու
միջոցներ
էին,
զորս
մերժել
հնար
չէր,
իսկ
տունը
անագան
մտածուեցաւ,
երբ
կայսերական
պալատին
նախարար
Յակոբ
Գազազեան,
յանուն
կայսեր
հիւանդտեսի
եկաւ,
եւ
ի
դարձին
Ներսէսի
բնակած
տան
խեղճութիւնն
ու
կիսաւեր
վիճակը
կայսեր
նկարագրեց:
Այդ
խորհրդածութիւններն
մտացածին
կերպով
չէ
որ
կը
յաւելունք,
այլ
նոյն
իսկ
Ներսէսի
հետ
ունեցած
մտերմական
յարաբերութիւններէն
եւ
անոր
միտքին
ինքնաբերաբար
արտայայտութիւններէն
կը
քաղենք:
Մեր
գրածներուն
իբր
փաստ
պիտի
աւելցնենք,
որ
եթէ
Ապիւլհամիտ
կայսր,
որ
մեծ
վարպետն
էր
անձեր
եւ
զգացումներ
ճանչնալու,
այդպէս
վստահօրէն
վարուեցաւ
Ներսէսի
հետ,
երբ
նա
արտաքին
երեւոյթով
հակապետական
անձ
մը
կը
կարծուէր,
ուրեմն
նա
ալ
ճանչցաւ
անոր
անկեղծ
զգացումները,
եւ
ազգային
օգուտը
պետական
շահերուն
հետ
համաձայնեցնելու
անխարդախ
դիտումը:
2866.
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԽՆԴԻՐ
Երբոր
Ներսէս
գործի
գլուխ
դարձաւ
Պերլինի
դաշնագիրէն
չորս
տարիներ
անցած
էին
արդէն,
եւրոպական
գաւառներու
համար
որոշուած
պայմանները
գործադրուիլ
սկսած
էին,
իսկ
հայաբնակ
ասիական
գաւառներու
համար
եղած
որոշումները
տակաւին
թուղթի
վրայ
կը
մնային,
հսկող
պետութեանց
կողմէն
գործածուած
միջոցները
բերանացի
ազդարարութենէ
անդին
անցած
չէին,
եւ
բերանացի
խոստումներով
կամ
բացատրութիւններով
փակուած
էին
պաշտօնէից
զեղծումներ
եւ
անզուսպ
տարրներու
բռնութիւններ
կը
շարունակէին,
հիւպատոսներ
կը
տեղեկագրէին,
լրագիրներ
կը
հրատարակէին,
եւ
նեղեալներ
աղերսախառն
դիմումներ
կը
կրկնէին:
Իրաւ
հսկող
պետութիւններ
աւելի
բան
մը
ընելու
որոշման
յանգած
էին,
1880-ին
անգղիական
յատուկ
պատգամաւոր
մը
եկած
էր
Կ.
Պոլիս,
դեսպանական
խորհուրդներ
կատարուած
էին,
եւ
արդիւնքն
եղած
էր
իւրաքանչիւր
դեսպանին
կողմէ
համիմաստ
յիշատակագիր
մը
մատուցանել
մայիս
30/11
յունիսին,
գլխաւորաբար
Պերլինի
61-րդ
յօդուածին
գործադրուած
չըլլալը
յիշեցնելով,
իբր
զի
օսմանեան
կառավարութիւնը
անոր
պայմանները
յարգելու
համար
որեւիցէ
կարգադրութեան
ձեռնարկած
չէր,
ինչ
որ
հսկող
պետութիւնք
չէին
կրնար
անտես
ընել
(ԹՈՒ.
545):
Օսմանեան
կառավարութեան
կողմէն
յունիս
25/5
յուլիսին
տրուած
պատասխանին
պարունակութիւնը
եւրոպական
հիւպատոսներուն
հակառակ
տեղեկագիրներով
կը
ստուէր,
եւ
առիթ
կ՚ընծայէր
վեց
դեսպաններու
կողմէն
1880
օգոստոս
26/7
սեպտեմբերին
հաւաքական
յիշատակագիրին,
որ
մատուցուած
էր
օգոստոս
30/11
սեպտեմբերին
դրան
պնդածներուն
սխալները
ցուցնելով,
Հայոց
մեծամասնութիւնը
շեշտելով,
կէս
վայրենի
քիւրդ
տարրին
բռնութիւնները
հաստատելով,
եւ
ինչ
ինչ
կարգադրութիւններ
իբր
դարման
առաջարկելով
(ԹՈՒ.
547):
Յիշատակագիրը
որուն
հայերէնն
ալ
հրատարակուեցաւ,
դիտել
տուած
էր
որ
օսմանեան
կառավարութեան
կողմէ
բոլոր
երկրին
ընդհանուր
բարեկարգութիւններ
հրատարակելը
նպատակայարմար
չէ,
վասնզի
բնակաւոր
ժողովուրդներն
ու
կէս
թափառիկ
ցեղերն
միեւնոյն
եղանակաւ
կառավարել
բացարձակապէս
անկարելի
էր
(ՀՅԿ.
7),
եւ
կ՚եզրակացնէր
թէ
հայաբնակ
նահանգաց
մէջ
մուծանելի
բարենորոգմունք
պարտին
լինել
համապատշաճ
տեղական
պիտոյից,
եւ
գործադրուիլ
ընդ
հսկողութեամբ
տէրութեանց
ըստ
բանից
յանձնառութեան,
զորս
նա
բարձրագոյն
դուռը,
դաշնադրած
է
մի
միջազգային
մուրհակաւ
(ՀՅԿ.
16),
զի
տեղական
պիտոյից
պահանջած
բառերը
դաշնագիրին
մէջ
կը
գտնուին
(ՀՅԿ.
6),
եւ
զի
կառավարութեան
յղած
յանձնախումբը
ոչ
մի
արդիւնքի
յանգած
չեն
(ՀՅԿ.
4):
Յիշատակագիրին
ի
պատասխան
օսմանեան
կառավարութեան
կողմէն
աւելի
համարձակութեամբ
տրուած
սեպտեմբեր
21/3
հոկտեմբերի
պատասխանը
զանց
կ՚ընէր
տէրութեանց
առաջարկները
յիշել
եւ
կը
կրկնէր
իր
մտադրած
բարեկարգութիւնները,
կը
մերժէր
պետութանց
միջամտութիւնը,
եւ
յարձակողական
կը
կոչէր
անոնց
պահանջները
(ԹՈՒ.
548):
Պետութիւններէն
ոմանք
Անգղիա
գլուխնին
ըլլալով
1881-ին
առաջարկած
էին
հսկող
պետութիւնները
ժողովի
հրաւիրել
Ասիոյ
վիճակը
բարւոքելու
համար,
իսկ
ուրիշներ
Գերմանիա
գլուխնին
ըլլալով,
գործերը
չկնճռոտելու
համար
ուրիշ
խնդիրներու
լմննալուն
սպասել
եւ
Հայոց
խնդիրը
յետաձգել
կ՚առաջարկէին:
Այս
պատճառով
Հայոց
նկատմամբ
ըլլալիք
հետապնդումները
կը
խափանուէին
(ԹՈՒ.
550),
եւ
Հայոց
վրայ
յուսախաբութեան
զգացումներ
զօրացած
էին
եւ
նոր
ձգտումներ
կը
սկսէին
երեւան
գալ,
երբ
Ներսէս
գործէն
կը
քաշուէր:
Ասոնց
առաջինն
է
Հայերուն
ալ
գործունէութեան
մղուիլը,
եւ
պահանջներուն
ոյժ
տալու
համար
բռնադատիչ
միջոցներու
ձեռք
զարնելը:
Այդ
զգացումը
կը
թելադրէին
նախապէս
գործը
եւ
հետեւապէս
գրգիռները:
Եւրոպական
գաւառներու
մէջ
գործադրուող
բարեկարգութիւնները
առաջ
եկած
էին
բնիկ
տարրներուն
խլրտելէն
եւ
զինեալ
ընդդիմութիւններէն
եւ
ներքին
շփոթութիւններէն,
ինչ
որ
գործնականապէս
կը
թելադրէր
թէ
այս
միայն
ըլլայ
բարելաւութիւններ
ձեռք
ձգելու
միջոցը:
Այդ
մեկնութիւնը
յայտնի
կերպով
ալ
կը
կրկնուէր
ասիակողմը
գտնուող
եւրոպական
հիւպատոսներէն,
կը
թելադրուէր
մայրաքաղաքի
դեսպանատանց
ակնարկներէն,
եւ
Եւրոպիոյ
մէջ
խօսուածներէն
եւ
գրուածներէն,
որ
եթէ
Հայեր
իրաւցնէ
բան
մը
ձեռք
ձգել
կ՚ուզեն,
պէտք
է
իրենք
առջեւ
անցնին
եւ
հաստատուն
կամքերնին
գործնականապէս
ցուցնեն,
եւ
շօշափելի
կերպով
հաստատեն
թէ
իրենք
են
երկրին
բնիկներն
ու
տէրերը,
եւ
ոչ
քիւրդերը,
զի
զինեալն
է
որ
երկրի
մը
տէրը
կը
ճանչցուի
եւ
ոչ
անզէնը,
իսկ
արգահատանք
շարժելու
համար
մուրացիկ
հայեցուածներ
բաւական
չեն
արդիւնք
պատրաստել:
Այդ
գրգիռները
դուրսէն
լսուելով
եւ
ներսէն
զգացուելով
փոփոխութիւն
մը
առաջ
բերին
հայ
մտայնութեան
վրայ,
եւ
1878-է
1882
հանդարտ
աղերսարկուն
եւ
խեղճուկ
աղաչաւորը,
գրեթէ
բռնադատեալ
նոր
միջոցներու
մղուեցաւ,
եւ
հայուն
կեանքին
ու
գործին
վրայ
փոփոխութիւն
նշմարուեցաւ:
Հեռուէն
դիտողը
եւ
անաչառ
կշռադատողը
յայտնապէս
կը
տեսնէ
որ
կերպով
մը
օսմանեան
կառավարութիւնն
էր
փոփոխութեան
պատճառ
տուողը,
երբ
հանդարտ
աղերսարկուն
կ՚անարգէր
եւ
խռովարար
պահանջողը
կը
գոհացնէր,
մինչ
բոլորովին
հակառակը
պէտք
էր
ըլլար
իր
քաղաքագիտական
ընթացքը,
եթէ
իր
իսկական
նպատակն
էր
հպատակները
շահիլ
եւ
անոնց
բարեկեցութիւնը
պատրաստել:
Բարենորոգումներ
խոստացող
կառավարութենէն
ոչ
նուազ
պատասխանատու
էին
հսկող
պետութիւններն
ալ
որոնք
ամէն
միջոցներ,
ազդու
սպառնալիքներ,
բռնադատիչ
պահանջներ,
նաւային
ցոյցեր
չխնայեցին
ապստամբած
եւ
խռոված
տարրները
գոհացնելու
պաշտպանութեան
մասին:
Հայերու
շարժումին
առաջին
քայլերը
1882-էն
կը
սկսին,
գլխաւորապէս
Վանի
եւ
Մուշի
եւ
Կարինի
գերազանցապէս
հարստահարուած
կուսակալութեանց
մէջ,
բայց
Հայեր
դարձեալ
եւրոպակողման
ըմբոստ
տարրներուն
ընթացքը
ընդօրինակողներ
չեղան,
իրենց
բոլոր
ձեռնարկը
անհատապէս
զինուելու
նպատակէն
անդին
չէր
անցներ,
զինեալ
քիւրդին
եւ
չէրքէզին
եւ
լազին
բռնութեանց
զէնքով
պատասխանել,
եւ
լոկ
անձնապաշտպանութեան
աշխատիլ
կը
դիտէին,
եւ
երբեք
չէին
օրօրուէր
կառավարութեան
դէմ
ելլալու
կամ
պետութենէն
ապստամբելու
կամ
անջատման
դիմելու
երազներով,
որոնց
անպտղութեան
խորապէս
համոզուած
էին,
նկատի
առնելով
իրենց
դիրքը,
իրենց
տարրին
զանազան
պետութեանց
ներքեւ
բաշխուած
ըլլալը,
եւ
իրենց
դրացիներուն
ոյժն
ու
թիւը:
2867.
ԿԱՐԻՆ
ԵՒ
ՄՈՒՇ
Անհատաբար
զինուելու
գաղափարը
նոր
սկսած
էր
տարածուիլ,
բայց
հրապարակի
վրայ
չէր
գիտցուեր,
միայն
իբրեւ
դաշնագիրներու
արձագանգ
այստեղ
այնտեղ
խրոխտ
խօսքեր
եւ
յանդուգն
արտայայտութիւններ
կը
լսուէին,
որոնց
հետեւանք
եղան
Մշոյ
առաջնորդ
Գրիգորիս
Ալէաթճեան
եպիսկոպոսի,
եւ
Պուլանըգի
փոխանորդ
Յովսէփ
Սարաճեան
վարդապետի
պետական
հրամանով
Կ.
Պոլիս
գալը,
եւ
Արաբկիրի
առաջնորդ
Եզնիկ
Ապահունի
եպիսկոպոսի
հսկողութեամբ
բերուիլը:
Եւ
ահա
Կարինի
մէջ
տեղի
ունեցած
պատմական
դիպուած
մը
իբր
առաջին
յեղափոխական
շարժում
խօսուեցաւ:
Մելքիսեդեկ
քահանայ
Տէր-Մելքիսեդեկեան
ապաշխարութեան
համար
Կարմիր
վանք
գտնուած
ատեն
հիւանդացաւ,
եւ
խնամուելու
համար
իր
տունը
դառնալ
արտօնուեցաւ:
Քահանային
անձնապէս
հակառակորդ
քանի
մը
անձինք
անոր
տանը
առջեւ
բուռն
ցոյցերու
մղուեցան,
եւ
մօտակայ
պահականոցին
ոստիկանութենէն
ձերբակալուեցան
1882
նոյեմբեր
22-ին:
Վրանին
խուզարկուած
ատեն
զինակիր
ընկերութեան
մը
մասնակից
ըլլալնին
երեւան
եկաւ,
եւ
հարցաքննութիւններով
եւ
հետախուզութիւններով
72
հոգի
ձերբակալուեցան
ամէնն
ալ
ստորին
դասակարգէ
երկաթագործ
կամ
հողագործ
երիտասարդներ
(82.
ՓՆՋ.
1763):
Այդ
էր
գործին
իսկութիւնը,
որուն
յեղափոխութեան
կերպարան
տրուեցաւ,
թէպէտ
ձերբակալեալներուն
մէջ
ոչ
խելքով,
ոչ
դրամով,
ոչ
դիրքով,
ոչ
ազդեցութեամբ
մէկ
մը
չկար,
եւ
իբր
գլուխ
կը
ցուցուէր
Խաչատուր
Կէրէքցեան
երիզագործ
աղքատ
արհեստաւոր
մը:
Կարնոյ
մէջ
կառավարութիւն,
եւ
ոստիկանութիւն
եւ
դատարաններ,
եւ
մայրաքաղաքին
մէջ
նախարարութիւն
գործին
կարեւորութիւն
տուին,
եւ
Կարնոյ
մէջ
ամբաստանութեան
վճիռ
արձակուեցաւ,
որուն
դէմ
Կ.
Պոլսոյ
վճռաբեկ
ատեանին
բողոքուեցաւ:
Օրմանեան
առաջնորդ
1882
նոյեմբեր
9-ին
նոր
դարձած
էր
Մշոյ
վանքերուն
եւ
վիճակին
քննչութենէն
եւ
Ալաշկերտի
եւ
Բասենի
այցելութենէն
երբոր
այդ
միջադէպները
սկսան,
բայց
տեսնելով
որ
իրեն
վրայ
ալ
կասկածներ
կը
կազմուին
եւ
կը
տարածուին,
եւ
թէ
գործին
լուծումը
մայրաքաղաքին
մէջ
պիտի
ըլլայ,
առանց
սպասելու
որ
զինքն
ալ
հեռացնելու
պաշտօնական
գործողութիւններ
սկսին,
փութաց
Կ.
Պոլիս
երթալ,
շփոթած
վիճակայինները
վստահեցնելով
որ
գործը
մղելու
եւ
ոչ
թէ
գործէ
խոյս
տալու
համար
կը
մեկնի,
եւ
թէ
իւրովի
առաջնորդական
պաշտօնէն
պիտի
չքաշուի,
եւ
այսպէս
Կարինէ
մեկնեցաւ
1883
մարտ
24-ին:
Գրեթէ
երեք
տարի
էր
որ
Օրմանեան
Կարնոյ
առաջնորդութիւնը
կը
վարէր
եւ
վիճակայնոց
գնահատման
արժանացած
էր,
որոնք
անոր
մեկնելուն
կ՚ընդդիմանային
կասկածելով
որ
չդառնայ:
Օրմանեան
առաջնորդարանի
օրինաւոր
կազմակերպութիւն
էր
տուած,
եւ
1880
սեպտեմբերէն
թաղական
վարժարանաց
տեսչութիւնն
ալ
ստանձնելով
դասարաններու
եւ
դասախօսութեանց,
ծրագիրի
եւ
թոշակի
օգտակար
կարգադրութիւններ
էր
ըրած.
աղջկանց
վարժարանը
նոր
եւ
ընդարձակ
շէնքը
փոխադրած
էր,
եւ
ընկերական
կոչուած
վարժարանը
թաղականին
հետ
ձուլած
էր:
Կարնոյ
շուրջը
եղող
առաջնորդական
վիճակներ
հետզհետէ
իրեն
էին
յանձնուած,
1880
մայիս
10-ին
Քղի,
սեպտեմբեր
5-ին
Դերջան,
սեպտեմբեր
30-ին
Խնուս,
եւ
1881
մարտ
3-ին
Բասեն,
իսկ
Սպեր
կանուխէն
Կարնոյ
միացած
էր,
որոնց
իւրաքանչիւրին
մէջ
փոխ-առաջնորդ
վարդապետներ
եւ
տեղական
վարչութիւններ
էր
հաստատած
իր
հսկողութեան
ներքեւ:
Օրմանեանի
ներկայութիւնն
էր
որ
Մկրտիչ
Սանասարեան
բարերարին
եւ
իր
խորհրդական
Կարապետ
Եզեանցի
իբրեւ
փաստ
ծառայեց
Կարնոյ
մէջ
հաստատելու
Սանասարեան
վարժարանը,
որ
բացուեցաւ
1881
հոկտեմբերին,
եւ
որուն
հիմնարկութեան
եւ
վարչութեան
եւ
մատակարարութեան
հոգերն
ալ
նոյն
ինքն
Օրմանեանի
յանձնուեցան,
իբրեւ
նախագահի
Սանասարեան
երեք
սաներու
հետ
կազմուած
տեսչութեան:
Երկար
ատեններէ
ի
վեր
Գլակայ
վանքը
երկպառակութեանց
մատնուած
էր
վանահայր
Մամբրէ
Մամիկոնեան
եպիսկոպոսի
եւ
վանական
միաբանութեան
մէջ
տիրող
վէճերու
պատճառով,
եւ
1881
աշնան
վերջերը
Օրմանեանի
յանձնուեցաւ
քննչական
պաշտօնով
երթալ
եւ
խաղաղել:
Սակայն
վանահոր
մահը
եւ
վերահաս
սաստիկ
ձմեռը
պարտաւորեց
յետաձգել,
մինչեւ
որ
նոր
հրամանով
մը
վանքը
բարեկարգելու
եւ
վիճակին
կացութիւնն
ալ
ճշդելու
յանձնարարութեամբ
քննչութեան
պաշտօնը
կրկնուեցաւ,
եւ
1882
օգոստոս
5-ին
Կարինէ
մեկնելով
Գլակ
հասաւ
ամսուն
13-ին
եւ
յաջողեցաւ
խաղաղութեամբ
եւ
համակրութեամբ
կանոնաւորութիւն
հաստատել,
մինչեւ
միաբան
վարդապետներուն
իսկ
զարմացմամբ
յիշել
սեպտեմբեր
9-ին
մեկնած
օրը,
թէ
Մշոյ
Ս.
Կարապետը
երբեք
պատուով
եւ
սիրով
քննիչ
մը
ճամբայ
դրած
չունի:
Հետզհետէ
այցելեց
Եղրդուտի
Ս.
Յովհաննու
վանքը,
Մուշ
քաղաքը,
Տիրինկատարի
Ս.
Առաքելոց
վանքը,
Ծխաւու
Մատնավանքը,
Կոփայ
Ս.
Դանիէլը,
Բագրեւանդայ
Ս.
Յովհաննէսը,
Բասենոյ
Ս.
Աստուածածինը,
իւրաքանչիւրին
մէջ
ալ
պէտք
եղած
քննութիւնները
կատարելով:
Կարին
դառնալէն
17
օր
ետքն
էր
որ
վերոյիշեալ
ձերբակալութեանց
միջադէպը
սկսաւ,
եւ
քանի
մը
ամիս
անոնց
շուրջը
աշխատելէն
եւ
կեդրոնը
ըստ
ամենայնի
գիտակից
եւ
տեղեակ
պահելէն
ետքը
Կ.
Պոլիս
հասաւ
1883
ապրիլ
5-ին:
Այստեղ
կ՚ընդհատենք
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքութեան
շուրջը
կատարուած
եղելութեանց
պատմութիւնը,
եւ
կ՚անցնինք
Երուսաղէմի
եւ
Էջմիածնի
դիպուածներուն,
զորս
բաւական
ետեւ
ենք
թողած:
2868.
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ
ՆՈՐԱՀԱՍՆԵՐԸ
Երուսաղէմի
գործերը
թողուցինք
1868
յունուար
8-ին,
Եսայի
պատրիարքին
Եգիպտոսէ
դառնալուն,
եւ
անոր
ետեւէն
Սիմէոն
եպիսկոպոսի
1869-ին
պատուիրակ
երթալուն
եւ
Եգիպտոսի
խնդիրին
որեւէ
լուծում
մը
տալուն
(§
2796-2797),
իսկ
Եսայիի
պաշտօնավարութեան
ընդհանուր
նկարագիրը
տուած
էինք
արդէն
(§
2787-2793),
եւ
բաւական
ըլլայ
աւելցնել,
թէ
միեւնոյն
ընթացքն
է
որ
1870-է
ասդին
ալ
շարունակեց
Երուսաղէմի
աթոռին
մէջ,
ուստի
մեզ
կը
մնայ
առանց
նորէն
ընդհանուր
տեսութեանց
մտնելու,
միայն
պատմութիւննիս
լրացնելու
համար
յառաջ
բերել
մէկ
քանի
վարչական
կարեւոր
եւ
մտադրութիւն
հրաւիրող
խնդրագիրներ,
որոնք
ոչ
միայն
ժամանակին
աչքառու
պարագաներն
եղան,
այլ
եւ
ապագային
տեղի
ունեցած
խնդիրներուն
դուռ
բացին,
եւ
որոնք
կարեւոր
է
սկիզբէն
պարզել,
որ
եղելութեանց
իմաստը
ճշդուի:
Մուրատեան
Գարեգինի,
Սաւալանեանի
յաջորդելով,
վարժարանական
ընթացքին
մէջ
մուծած
նորութիւններուն
ալ
գնահատումը
ըրած,
եւ
մանրամասնութեանց
մտնելը
առաջիկային
թողած
էինք
(§
2788),
եւ
ահա
ճիշդ
այն
կէտին
հասած
կը
գտնուինք:
Մուրատեան
աշակերտներու
1869
փետրուարի
հարցաքննութեանց
ցուցակին
մէջ
33
անուններ
կը
գտնենք
(69.
ՍԻՈ.
48),
որոնցմէ
քիչերը
միայն
յետոյ
միաբանութեան
շարքին
անցած
են:
Անցնողներու
մէջէն
աւելի
առաջադէմներն
ու
խօսուածներն
են.
Յակոբ
Անոյշեան
Կ.
Պոլսեցի,
Գաբրիէլ
Կարապետեան
կամ
Խապայեան
Խարբերդցի,
Մելքոն
Յակոբեան
Ռոտոսթոցի,
Մաքսուտ
Մաքսուտեան
Դամասկացի,
եւ
Գէորգ
Տէր-Յարութիւնեան
կամ
Երէցեան
Իսմայելցի,
որոնցմէ
վերջին
երկուքը
վարժարան
ընդունուած
են,
Գէորգ
1867
հոկտեմբերին
(67.
ՍԻՕ.
71),
եւ
Մաքսուտ
1868
մարտին
(68.
ՍԻՈ.
71),
իսկ
միւսները
անոնցմէ
առաջ:
Ասոնց
վրայ
ապագայ
յոյսեր
հաստատուած
ըլլալով
պատշաճ
դատուեցաւ
յատուկ
խնամքի
ալ
արժանացնել,
ուստի
Յակոբը
իբր
տարիքով
հասուն
եւ
սարկաւագ,
իսկ
Գէորգը
դեռ
տարիքով
պզտիկ
ըլլալուն,
միւս
երեքը
Գաբրիէլ
եւ
Մելքոն
եւ
Մաքսուտ
1869
օգոստոս
21-ին
սարկաւագ
կը
ձեռնադրուէին
եւ
ուսումնական
կատարելագործութեան
համար
անմիջապէս
1869-ին
վերջերը
Կ.
Պոլիս
կը
յղուէին,
ուր
երկամեայ
ժամանակ
մասնաւոր
ընթացքը
կը
կատարեն,
աթոռոյ
փոխանորդին
առանձինն
խնամքն
ալ
վայելելով:
Երկու
տարիէ
վանք
կը
դառնան
1871-ին
վերջերը,
ուր
արդէն
Մելիքսեդեկ
վարդապետ
եղած
Մուրատեանին
օգնական
կը
նշանակուին
վարժարանի
ուսուցչական
եւ
տեսչական
ճիւղերուն
մէջ,
եւ
այդ
պաշտօնին
մէջ
կը
մնան
իբր
տասը
տարի,
եւ
աբեղայական
ձեռնադրութիւն
կ՚ընդունին
1877
յուլիս
3-ին,
Սահակ
եւ
Վահան
եւ
Ղեւոնդ
անուններով:
Բայց
սարկաւագութեան
ատենէն
արդէն
գործերու
տիրացած
էին,
եւ
իբրեւ
զարգացեալներ
եւ
բանգէտ
անձեր
ամէն
գործերու
մէջ
նախադասութիւն
կը
վայելէին,
իրենք
ալ
ընդարձակ
կը
տարածէին
իրենց
գործունէութիւնը,
միշտ
իրենց
գործակից
ունենալով
Անոյշեան
սարկաւագը
Գաբրիէլ
անունով
աբեղայ,
եւ
Գէորգ
Երէցեանը
սարկաւագ
ձեռնադրուած:
Այդ
բանին
յայտնի
նշանակներն
են
1874
յուլիս
3-ին
վերաբացուած
միաբանական
Ընդհանուր
ժողովոյ
արձանագրութիւնները,
որոնց
մէջ
ընդարձակ
տեղ
կը
բռնեն
այս
նորահասներուն
առաջարկները,
ծրագիրները,
հարցումներն
ու
բացատրութիւնները,
մինչ
հազիւ
համառօտ
խօսքերով
կը
ներկայանան
հիները,
իբրեւ
նոր
ձեւերու
անվարժներ,
եւ
սահմանադրական
դարձուածներու
անտեղեակներ,
որոնց
հմտութիւնը
միատեղ
կը
բերէին
Կ.
Պոլիսէ
եկողներ,
եւ
այդ
առաւելութեամբ
Ընդհանուր
ժողովոյ
տիրանալով
մինչեւ
իսկ
չորս
սարկաւագներ
առաջին
եւ
երկրորդ
ատենապետութիւնները
եւ
ատենադպրութիւնները
միահաղոյն
գրաւելու
կը
հասնէին
(77.
ՄԻԱ.
208):
Բայց
ոչ
միայն
հիներն
էին
որ
նորահասներու
տեղի
կու
տային,
այլ
եւ
նոյն
իսկ
իրենց
ուսուցիչն
ու
գլխաւորը
եղող
Մելքիսեդեկ
Մուրատեան
վարդապետը
պարտաւորուած
էր
զգալ
անոնց
նախաձեռնութիւնը,
եւ
տեղի
ալ
տալ
նորակազմ
խմբակի
մը
ձեռներէցութեան:
Օդափոխութեան
անունով
1873
յունիս
16-ին
Կ.
Պոլիս
կը
մեկնէր,
եւ
անտի
իբր
պատրիարքական
այցելու
Ռումինիա
կը
շրջէր,
Վիէննա
եւ
Զուիցերիա
կը
հանդարտէր
(74.
ՍԻՈ.
36),
եւ
թէպէտ
ինը
ամիսէ
1874
մարտ
15-ին
Երուսաղէմ
դառնալով
ուսումնարանի
տեսչութիւնը
կը
վերստանձնէր
(74.
ՍԻՈ.
71),
բայց
իր
ձեռնասունները
արդէն
գործին
տիրացած
էին,
եւ
իր
դիրքը
փոքրացած
էր:
Ընդհանուր
ժողովոյ
ատենապետութիւնն
ու
տնօրէն
խորհրդոյ
անդամակցութիւնն
ալ
չբաւեցին
Մելքիսեդեկի
դիրքը
բարձրացնել,
եւ
իր
գործերը
սկսան
նորահասներէն
քննադատուիլ
եւ
խծբծուիլ,
ուստի
1875
հոկտեմբեր
6-ին
ատենապետութենէն
(75.
ՄԻԱ.
117),
եւ
1876
յունուար
12-ին
ժողովականութենէ
(76.
ՄԻԱ.
16)
եւ
նոյն
տարւոյ
մայիս
26-ին
միաբանութենէն
ալ
կը
հրաժարէր
(76.
ՏՆՕ.
218),
եւ
ցաւած
սրտով
եւ
վշտացեալ
հոգւով
Երուսաղէմէ
կը
հեռանար:
2869.
ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ
Պատմուած
պարագաներն
ալ
բաւական
են
ցուցնել
թէ
Երուսաղէմի
միաբանութեան
ներքինին
մէջ
հիմնական
փոփոխութիւն
մը
եղած
էր:
Հին
ժամանակներ
կը
տիրէին
իրաւ
պարզամտութիւնն
եւ
ուսման
նուազութիւնը,
բայց
օծուած
էին
անվկանդ
միաբանասիրութեամբ
եւ
եռանդուն
եկեղեցասիրութեամբ,
որ
լուսաւոր
արտայայտութիւնն
էր
եղած
Յովհաննէսի
մահուանէ
ետքը
ծագած
ներսէն-դուրսէն
խնդիրին
մէջ
տեսնուած
միաբանութեան
օրինակելի
համերաշխութիւնը
եւ
կոչման
հաստատութիւնը
եւ
հաւատարմութիւնը:
Վերջին
ատեններ
ուսումնական
զարգացման
համար
ամէն
կողմէ
բարձրացած
ձայները,
եւ
նոր
պատրիարք
Եսայիի
վրայ
ազգովին
գործուած
բռնադատութիւնը
զայն
մղեցին
վարժարանի
տպարանի
թանգարանի
(§
2788-2790)
անփորձ
ճիգերուն
եւ
խօլ
ծախքերուն,
որոնց
գլխաւորն
եղաւ
Մուրատեան
Գարեգինին
ուսումնարանին
վրայ
իշխելը
եւ
Մելքիսեդեկ
վարդապետ
դառնալով
վանական
ընթացքին
վրայ
ազդելը:
Այդ
կէտէն
է
որ
Երուսաղէմի
միաբանութեան
ներքինը
կ՚այլայլի,
նպատակը
լաւանալն
էր
անշուշտ,
բայց
արդիւնքը
վատանալն
եղաւ:
Երբոր
գործի
մը
մէջ
շատ
մը
հանգամանքներ
եւ
մէկէ
աւելի
շարժառիթներ
կու
գան
միանալ,
դժուար
կ՚ըլլայ
վճռաբար
պատասխանատուութիւնը
ճշդել:
Մուրատեան
Երուսաղէմի
վանական
հոգւով
չէր
սնած,
գուցէ
սաղիմական
գործունէութեան
խորն
ալ
չէր
թափանցած,
իբրեւ
վերանորոգիչ
մտեր
եւ
անցեալը
անարգելու
հոգւով
էր
գործած,
քանի
մը
տարի
վանքի
մէջ`
բայց
ոչ
վանական
կեանքով
ապրիլը
զինքը
կերպաւորելու
չէր
բաւած:
Ըսե՞նք
արդեօք
թէ
իր
տուած
ուսումն
ու
դաստիարակութիւնն
ալ
Երուսաղէմի
միաբանութեան
համար
պահանջուածը
չէր:
Կացութեան
կատարելապէս
տիրապետելու
չյաջողած,
եւ
իր
ձեռնասուններէն
իսկ
վշտացած,
անմիջապէս
միաբանութենէ
բաժնուելու
որոշումը
բաւական
է
արդարացնել
մեր
դիտողութիւնները:
Այդ
բաժանման
հոգին
որ
հաստատուն
կապակցութեան
պակսելուն
եւ
նպատակին
պահանջած
զոհողութեան
հանդէպ
զոհողութեանց
հարկը
չզգալուն
հետեւանքն
է,
կարծես
իբրեւ
վարակիչ
ախտ
ընդարձակուեցաւ
այդ
միջոցին,
եւ
բաւական
երկար
ցուցակ
մը
կը
կազմեն,
Բառնաբաս
Յովսէփեան,
Փիլիպպոս
Նաճառեան,
Տիմոթէոս
Սափրիչեան,
Խորէն
Մխիթարեան,
Վարդան
Մամիկոնեան,
Մկրտիչ
Սահակեան,
Եզեկիէլ
Գէորգեան,
Յակոբ
Շահպաղլեան,
Մովսէս
Կէօմիւրքճեան,
Կիւրեղ
Սրապեան,
Մակար
Բարխուդարեան,
Դանիէլ
Աշքեան,
Մաղաքիա
Տէրունեան,
Ամբակում
Համբարձումեան
վարդապետներուն
եւ
Բարսեղ
Այաղմալեան,
Վահան
Տէր-Մինասեան,
Գառնիկ
Ճէվահիրճեան,
Գէորգ
Շահինեան,
Կարապետ
Գրիգորեան
սարկաւագներուն,
եւ
բազմաթիւ
ժառանգաւոր
աշակերտներուն
անունները:
Երբոր
օրինակները
կը
շատնան
անհատական
պատճառներուն
տեղ
ընդհանրական
պատճառը
փնտռել
անհրաժեշտ
կը
դառնայ:
Երբոր
կացութեան
տիրապետութիւնը
նախայիշատակեալ
հինգերուն
կը
մնայ,
անոնք
իսկ
մինչեւ
ցվերջ
միացեալ
չեն
մնար
եւ
կը
բաժնուին
երկուքն
յերից
եւ
երեքն
յերկուց,
որ
է
ըսել
միեւնոյն
եսական
հոգին
է
որ
կը
տիրէ:
Իսկ
երեքը
որ
միջավայրին
տէր
կը
մնան,
Խապայեան
եւ
Մաքսուտեան
եւ
Երէցեան,
իրենց
գործով
եւ
արդիւնքով
չեն
արդարացներ
այն
մեծ
ակնկալութիւնը
որ
անդստին
առաջին
երիտասարդութեան
օրերէն
իրենց
վրայ
դրուած
էր,
զի
իրենց
կատարեալ
ազդեցութեան
ներքեւ
յառաջ
եկող
միաբանութիւնը
ոչ
ուսումնական
զարգացմամբ
կը
փայլի,
ինքնաշխատ
ջանքով
զարգացող
ցանցառ
անհատներու
բացառութեամբ,
ոչ
միաբանական
անքակտելի
համերաշխութեամբ
կը
փառաւորուի,
ոչ
եկեղեցասիրական
անխոնջ
աշխատութեամբը
կը
պայծառանայ,
ոչ
անարատ
համբաւով
եւ
օրինակելի
կենցաղով
կը
գովաբանուի,
ոչ
իր
մէջ
միասիրտ
եւ
միախորհուրդ
մարմին
մը
կազմելով
կը
զօրանայ,
եւ
ոչ
մատակարարական
յաջողութեամբ
կը
ճոխանայ,
որով
փոխանակ
օր
ըստ
օրէ
զարգանալու,
օր
ըստ
օրէ
տկարանալու
զառիվայրին
վրայ
կը
տագնապի:
Այդ
հետեւանքին
պատասխանատուութենէ
զերծ
չենք
կրնար
համարել
անոնք
որ
իրենց
տիրապետութիւնը
տարածելու
եւ
իրենց
զօրութիւնը
ամրացնելու
աշխատած
ատեննին,
այնչափ
ճիգ
չթափեցին
հանրութեան
օգտակար
ըլլալու,
որչափ
ունեցան
մէկը
ներքին
ազդեցութեամբ,
երկրորդը
ելեւմտական
բախտաւորութեամբ,
եւ
միւսը
արտաքին
յարաբերութիւններով
անձնապէս
առատանալու:
Բայց
արդար
ըլլալու
համար
պէտք
չէ
եւս
մոռնանք
որ
ասոնք
ալ
իրենց
նախնական
սկզբունքները
ուրիշէ
առին,
զոր
չենք
կրնար
լիովին
արդարացնել,
իրենց
գործունէութեանը
մէջ
երկու
պատրիարքներու
հովանաւորութիւնը
վայելեցին,
որոնց
դերը
հնար
չէ
նկատողութենէ
վրիպեցնել,
իրենց
քաջալերիչներ
եւ
խորհրդակիցներ
եւ
գործակիցներ
ունեցան,
որոնք
հետեւանքին
մասնակցութենէ
պէտք
չէ
ազատ
նկատուին:
Բայց
ինչ
ալ
ըլլայ
ամենուն
համար
ըսելիքնիս,
անոնք
որ
առաջնակարգ
գծի
վրայ
գտնուած
ըլլալու
կերպարանը
կը
սիրեն
պահել,
պատասխանատուութեան
մէջ
չեն
կրնար
ինքզինքնին
յետին
գիծերուն
անցունել:
Չմոռնանք
ալ
դիտել
որ
վերագոյնդ
գրուած
միաբանական
դասալիքներու
շարքին
մէջ
անոնցմէ
հնագոյններ
ալ
կան,
սակայն
հնագոյն
եղած
ըլլալ
ազդեցութենէ
զերծ
մնալ
ըսել
չէ,
զի
իրենց
ընթացքով,
վարմունքով,
օրինակով,
խօսքով,
ուղղութեամբ
շատ
դիւրաւ
կրնան
հնագոյններուն
վրայ
ազդեցութիւն
գործածել,
եւ
տարբեր
գործերու
մղել
ետեւէն
եկողներն
ալ,
եւ
աւելորդ
կը
սեպենք
խօսքերնիս
հաստատելու
համար
անհատներու
կենսագրական
մանրամասնութիւններով
զբաղիլ:
2870.
ԵԼԵՒՄՏԱԿԱՆ
ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Երուսաղէմի
Ս.
Յակոբեանց
աթոռին
եւ
միաբանութեան
միայն
ներքին
կացութիւնը
չէր
որ
տագնապալի
երեւոյթ
կ՚առնէր,
նիւթական
կացութիւնն
ալ
համահաւասար
կերպով
օրըստօրէ
ի
վատթարն
կը
դիմէր,
եւ
այդ
մասին
փոքրիշատէ
տեղեկութիւններ
քաղած
եւ
տուած
ենք
Եսայիի
պատրիարքութեան
նախնական
նկարագիրին
մէջ
(§
2791):
Ժամանակը
սաստկացուց
տագնապը
եւ
պարտքերը
հետզհետէ
շատցան
ու
դիզուեցան,
եւ
վանական
բարեկարգութեան
համար
1875-ին
կազմուած
մասնաժողովը,
իբրեւ
կարեւորագոյն
խնդիր
մը
նորէն
սուրբ
աթոռոյ
պարտքը
թեթեւցնելու
միջոցները
կ՚առաջարկէր
սեպտեմբեր
15-ի
Ընդհանուր
ժողովին,
միջոցներ
որ
տարի
մը
առաջ
ալ
առաջարկուած
եւ
անգործ
մնացած
էին:
Մտածուած
միջոցներն
էին,
նուիրակներ
հանել,
տպարանի
մնացած
գիրքերը
վիճակահանութեան
դնել,
ձեռքէ
տրուելիք
մինչեւ
30,
000
լիրայի
տոմսակներ
հանել,
եւ
կամ
հանրագրութեամբ
կեդրոնական
վարչութեան
դիմել
(75.
ՄԻԱ.
106-110),
բայց
փոխանակուած
խօսքերէ
ետքը
գործը
նորէն
կը
յետաձգուէր,
մինչեւ
որ
1876
յունիս
15-ին
նորէն
ձեռք
կ՚առնուէր
մետասան
միաբաններու
գրաւոր
յայտարարութեամբ
թէ
դրամական
տագնապը
հետզհետէ
աւելնալու
վրայ
է
(76.
ՄԻԱ.
171):
Այս
անգամ
իբրեւ
միջոց
կ՚առաջարկուէր
հանրագրութեամբ
կեդրոնական
վարչութեան
դիմել,
եւ
գաւառներու
մէջ
ցրիւ
գտնուող
կալուածներու
վաճառման
արտօնութիւն
ուզել,
եւ
կառավարութենէ
20
տարի`
տարեկան
1,
000
լիրայի
փոխատրութիւնը
խնդրելու,
եւ
Ռուսիոյ
մէջ
նուիրակներ
յղելու
համար
Մայրաթոռոյ
առջեւ
կեդրոնին
միջամտութիւնը
պահանջել
(76.
ՄԻԱ.
171-173):
Երբոր
խնդիրը
ձեռք
կ՚առնուի,
կը
դիտուի
թէ
կեդրոնը
կանուխէն
գրուած
նամակներուն
ալ
պատասխանած
չէ,
համոզելով
միաբանութենէ
անջատուող
միաբաններու
խօսքերուն,
որոնք
ջանացած
են
ազգը
համոզել
որ
վանքը
պարտք
չունի
(76.
ՄԻԱ.
188):
Դարձեալ
խնդիրը
մտադրութենէ
կը
վրիպի
մինչեւ
որ
տարի
մըն
ալ
ետքը
ելեւմտացոյցի
քննութեան
առթիւ
1877
մայիս
3-ին
Եսայի
պատրիարք
պարտքերու
բարդուելուն
խնդիրը
մէջտեղ
կը
դնէ
պատճառներ
ցուցնելով.
1.
Վերջին
երկու
տարիներուն
մէջ
պարագայից
բերմամբ
ուխտաւորներուն
նուազիլը:
2.
Հանրային
պարտուց
եւ
երկաթուղեաց
տոկոսներուն
կանոնաւոր
չվճարուիլը:
3.
Յոպպէի
կալուածոց
արդիւնքին
մէկ
քառորդին
տուրքի
պատճառով
գրաւուիլը:
4.
Վերջին
ժամանակներու
մէջ
կատարուած
կալուածոց
անհրաժեշտ
նորոգութիւնները
կամ
կալուածները
ազատելու
ծախքերը,
եւ
կ՚եզրակացնէ
թէ
պարտքը
քսան
հազարի
մօտեցաւ
(77.
ՄԻԱ.
231):
Այդ
բացատրութեանց
մէջ
Եսայի
կը
մոռնար
յիշել
թէ
ինքն
կը
շարունակէր
վարժարանի
համար
աւելորդ,
լուսանկարի
եւ
կալվանագործութեան
համար
ումպէտ,
տպարանի
համար
չափազանց,
միաբանական
կեանքին
համար
եւ
պատուոյ
անունով
շռայլ
ծախքերը,
եւ
ազատաբար
կը
կնքէ
ծանր
տոկոսով
փոխառութեանց
մուրհակները,
որչափ
ալ
կը
յայտարարէր
թէ
ինչ
որ
պարտք
եղած
է,
սուրբ
աթոռոյ
ծախուց
համար
եղած
է,
եւ
ոչ
թէ
ես
իմ
ուզածիս
պարտք
դիզած
եմ
(77.
ՄԻԱ.
295),
բայց
ոչ
ոք
ըսած
էր
թէ
ինքն
բան
մը
իւրացուցած
ըլլայ,
թէպէտ
վանական
արկղը
իրեն
ձեռքն
էր,
եւ
միայն
1877
մայիս
16-ին
որոշուեցաւ
երեք
բանալիով
դրամարկղ
հաստատել,
եւ
բանալիները
տնօրէն
ժողովէ
երեք
անդամներու
յանձնել
(77.
ՄԻԱ.
260):
Պարտքի
խնդիրը
տակաւին
կաղնիկաղ
կ՚երթար
առանց
վճռական
որոշման
յանգելու,
երբ
1878
յունուար
25-ին
Խապայեան
Սահակ
եւ
30-ին
Մաքսուտեան
Ղեւոնդ
քանի
մը
ամսուան
աբեղաներ
տնօրէն
ժողովոյ
մէջ
կը
մտնէին,
երբ
իրենց
օծակից
ընկերն
ալ
Յակոբեան
Վահան
աբեղայ
ընդհանուրի
ատենապետն
էր
(78.
ՄԻԱ.
287-290),
իսկ
տնօրէնի
պաշտօններու
բաշխման
ատեն
բանալիներէն
մին
Մաքսուտեանի
կը
յանձնուէր:
Արդէն
նախընթացին
մէջ
ալ
միշտ
ելեւմտական
գործառնութեանց
մասնագիտական
հմտութիւն
եւ
յատուկ
ճարտարութիւն
նկատուած
էր
Մաքսուտեանի
վրայ,
որ
այս
անգամ
կը
նուիրագործուէր:
Պարտքերուն
դարմանին
դառնալով
պատրիարքը
1878
մայիս
26-ին
կը
յայտարարէր
թէ
խնայողութեան
համար
ստիպուած
էր
կերակուրը
նուազեցնել
եւ
տարեկանը
զեղչել
(78.
ՄԻԱ.
293),
բայց
այսչափը
չէր
բաւեր
ոչ
միայն
պարտքը
ջնջելու,
այլ
եւ
ոչ
իսկ
աճումը
դադրեցնելու:
Այլեւս
ժամանակը
հասած
էր
պաշտօնական
եւ
թախանձագին
գրութեամբ
կեդրոնին
ներկայելու
աթոռին
ելեւմտական
վիճակը
եւ
անմիջական
եւ
գործնական
դարման
խնդրելու:
Այդ
դիմումին
հասնիլն
ալ
1878
նոյեմբեր
30-ին
կը
հանդիպէր
(78.
ՄԱՍ.
2208),
եւ
ազգին
մէջ
կը
զարթնու
սուրբ
տեղերը
եւ
Ս.
Յակոբեանց
աթոռը
վտանգէ
փրկելու
ուշադրութիւնը
(78.
ՄԱՍ.
2231),
բայց
խնդիր
էր
կերպը
գտնել
եւ
զայն
գործադրել:
2871.
ԿԵԴՐՈՆ
ԵՒ
ՊԱՏՈՒԻՐԱԿ
Երուսաղէմի
բախտէն
արդօք,
թէ
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքարանի
մշտատեւ
վիճակէն
պարտուց
խնդիրը
պարզուելու
եւ
գործնական
ձեւ
առնելու
համար
դժուարութեանց
կը
հանդիպէր:
Հազիւ
թէ
1879
յունուար
17-ին
խառն
ժողովը
առաջին
անգամ
այդ
գործով
կը
զբաղէր,
եւ
կ՚որոշէր
զայն
Ընդհանուր
ժողովոյ
առջեւ
հանել,
քանի
որ
լուծումը
ազգովին
եւ
ընդարձակ
գործողութեանց
կը
կարօտէր
(79.
ՄԱՍ.
2232),
իսկ
Ընդհանուր
ժողովը
սկսած
էր
Ներսէսի
նոր
հրաժարականով
զբաղիլ:
Միւս
կողմէն
իբրեւ
նախաշաւիղ
եւ
կամ
իբրեւ
ժամանակ
շահելու
միջոց,
Երուսաղէմէ
կատարեալ
հաշուետուութիւն
կը
պահանջուէր,
որ
կը
հասնէր
փետրուար
20-ին,
եւ
վանօրէից
խորհրդոյ
նախաքննութեան
կը
յղուէր
(79.
ՄԱՍ.
2258):
Հաշիւները
ներկայելի
ձեւի
վերածելու
համար,
կոկելու
եւ
կանոնաւորելու
պէտք
եղած
էր,
եւ
Մաքսուտեան
գլխաւոր
դերն
ունեցած
էր,
բայց
տակաւին
ըստ
ամենայնի
գոհացուցիչ
գտնուած
չէին:
Նախաքննութեան
հետ
ամիսներ
կ՚անցնէին,
Երուսաղէմ
Կ.
Պոլիսէ
լուր
մը
չէր
առներ,
իսկ
Կ.
Պոլսոյ
մէջ
կը
լսուէր
թէ
Եսայի
պատրիարք
մտադիր
է
անձամբ
Կ.
Պոլիս
գալ
գործը
մղելու
(79.
ՄԱՍ.
2333):
Ուստի
վարչութիւնը
անոր
առջեւն
առնելու
համար
կը
փութար
լուր
հասցնել,
թէ
գործը
մտադրութեամբ
նկատի
առնուած
է,
եւ
մօտ
ժամանակէն
արդիւնքը
կը
հաղորդուի
(79.
ՄԱՍ.
2345):
Բայց
միշտ
հրաժարականի
խնդիրը
կը
մնար,
որ
աւելի
ստիպողական
էր
եւ
ժողովներ
ուրիշ
գործով
չէին
կարող
զբաղիլ,
մինչեւ
որ
Ներսէս
օգոստոս
10-ին
նորէն
գործի
գլուխ
կ՚անցնէր
(79.
ՄԱՍ.
2400),
օգոստոս
24-ի
գումարման
մէջ
Երուսաղէմի
գործին
ստիպողականութիւնը
կը
բացատրէր,
եւ
ժողովը
իրեն
կը
յանձնէր
ամէն
հարկ
եղածն
ի
գործ
դնել
(79.
ՄԱՍ.
2410):
Այս
յանձնարարութեամբ
Ներսէս
փութաց
յանձնախումբ
մը
կազմել,
եւ
գործին
ոյժ
տալու
համար
անձամբ
ալ
կը
նախագահէր,
եւ
հոկտեմբեր
9-ին
(79.
ՄԱՍ.
2446)
կ՚որոշուէր
ամէն
ազգային
անհատէ
երեք
տարի
երեքական
դահեկանի
պարտաւորեալ
նուէր
կամ
տուրք
հաւաքել
թաղերու
եւ
առաջնորդարաններու
ձեռքով,
հաւաքուածին
75%
մասը
Երուսաղէմի
յատկացնել,
իսկ
մնացորդէն
10%
տեղական
վարժարաններու,
10%
պատրիարքարանի,
նորոգութեան
եւ
5%
հաւաքիչներու
վարձքին
գործածել:
Կ՚որոշուէր
եւս
Եգիպտոսի
մէջ
Երուսաղէմի
կալուածները
արդիւնաւորել
եւ
արտաքոյ
Թուրքիոյ
նուիրակներ
հանել
(79.
ՄԱՍ.
2460):
Բայց
որովհետեւ
պէտք
էր
Երուսաղէմի
վիճակը
եւ
գործերը
մօտէն
գիտնալ,
կանոններու
եւ
կարգադրութեան
թերին
լրացնել,
եւ
ապագային
ապահովութեան
միջոցներ
տնօրինել,
կարող
պատուիրակի
մը
պէտքը
զգացուեցաւ,
եւ
ի
դէպ
հանդիպեցաւ
բժշկապետ
Ստեփան
Ասլանեան
փաշային
օդափոխութեան
համար
Ասորւոց
կողմեր
մեկնիլը,
եւ
անոր
յանձնուեցաւ
լիազօր
պատուիրակի
պաշտօնը,
որ
եւ
ուղեւորեցաւ
նոյեմբեր
1-ին
(79.
ՄԱՍ.
2465),
եւ
Երուսաղէմ
հասնելով
նոյեմբեր
15-ին
ներկայացաւ
միաբանութեան
ընդհանուր
ժողովին,
եւ
իր
պաշտօնը
բացատրեց
ճարտար
ատենաբանութեամբ,
ներկայելով
նաեւ
կեդրոնէն
իրեն
յանձնուած
հրահանգը
(79.
ՄԻԱ.
314-319):
Պատուիրակը
միաբանութենէ
վստահութիւն
եւ
գործակցութիւն
պահանջեց,
որպէսզի
իրենց
թերին
իրենք
դարմանած
ըլլան
փոխանակ
դուրսէն
ստիպուած
ըլլալու:
Իսկ
հրահանգը
նախ
կը
բարձրացնէր
սուրբ
տեղեաց
պահապան
եւ
պաշտպան
միաբանութեան
հին
եւ
նոր
արդիւնքը,
եւ
կ՚աւելցնէր
թէ
ներկայ
ժամանակը
կը
պահանջէ
մկանանց
զօրութենէն
տարբեր
մտաց
զօրութիւն
ալ
պատրաստել,
եւ
օրինակ
կը
բերէ
միւս
ազգաց
միաբանութիւնները:
Կը
դիտէր
թէ
հաշիւներու
քննութիւնը
աննպաստ
եզրակացութեանց
տեղի
տուած
է,
թէ
վարժարանի,
տպարանի,
արհեստանոցի,
վանական
կեանքի
ծախքերը
պէտք
է
աւելի
խոհական
եւ
հաստատուն
սկզբունքներու
վերածուին,
անցեալը
ստուգուի
որ
ապագան
ծրագրուի,
վասնզի,
կըսէր
ամէնուս
նպատակն
է
մեր
նախնեաց
այնքան
զոհողութիւններով
կանգուն
մնացած
յիշատակարանաց
ապագայն
ապահովել
(79.
ՄԻԱ.
319):
Հրահանգն
ալ
կը
շեշտէր
եւ
կը
պահանջէր
միաբանութեան
գործակցութիւնը
պատուիրակին
հետ,
եւ
կատարուելիք
գործողութեանց
մէջ
յատկապէս
կը
շեշտէր
1865-ի
կանոնագրին
վերաքննութիւնը.
իսկ
պարտուց
գումարը
28,
200
լիրայի
հասած
կ՚ըսուէր
(79.
ՄԻԱ.
317):
Միաբանական
ժողովը
նոյեմբեր
15-ի
եւ
16-ի
նիստերուն
մէջ
յայտնեց
թէ
առաջարկուած
միջոցներէն
շատերուն
արդէն
ինքն
ձեռնարկած
է,
բայց
համակերպեցաւ
հրահանգին
գործադրութեան
եւ
պատուիրակին
խնդրած
երկու
եռանուն
յանձնախումբերու
տեղ
վեցանուն
միակ
յանձնախումբ
մը
գործակից
ընտրեց,
անդամակցութեան
կոչելով
Սահակ
եւ
Աստուածատուր
եպիսկոպոսները,
Եփրեմ,
Սահակ
եւ
Ղեւոնդ
վարդապետները
եւ
չորս
ամիս
առաջ
ձեռնադրուած
Գէորգ
նորընծայն:
Իսկ
իրենց
անուանման
պաշտօնագիրը
հրահանգի
ձեւով
պատրաստուեցաւ,
եւ
Ընդհանուր
ժողովոյ
նոյեմբեր
19-ի
ժողովին
մէջ
հաստատուելով
յանձնուեցաւ
(79.
ՄԻԱ.
330-332),
որուն
մէջ
կը
շօշափուէին
նախընթաց
նիստերու
մէջ
յայտնուած
միտքերը:
Նոյեմբեր
19-էն
մինչեւ
1880
յունուար
27
իբր
երկուքուկէս
ամիս
միասին
աշխատեցան
պատուիրակն
ու
յանձնախումբը,
եւ
նոր
կանոնագիր
մը
պատրաստեցին
1865-ի
կանոնագիրը
հիմնապէս
փոփոխելով,
զոր
եւ
յունուար
28-ին
միաբանութեան
ներկայեցին,
որ
մինչեւ
փետրուար
5
եօթը
նիստերու
մէջ
101
յօդուածներէն
իւրաքանչիւրը
քննեց,
կազմողներու
տուած
բացատրութիւնները
լսեց,
եւ
գրեթէ
անփոփոխ
ընդունուեցաւ,
եւ
փոխադարձ
շնորհակալութեան
եւ
յորդորանաց
խօսքերով
գործը
լրացաւ
(80.
ՄԻԱ.
337-371):
Միայն
անցեալին
քննութեան
տեղեկագիրը
չէր
աւարտած,
որուն
վրայ
յանձնախումբը
պիտի
աշխատէր
պատուիրակին
բացակայութեան
ատեն
եւ
ժամանակին
ալ
պիտի
ներկայացուէր
միաբանութեան
(80.
ՄԻԱ.
336):
2872.
ՆՈՐ
ԿԱՆՈՆԱԳԻՐ
Երուսաղէմի
կանոնագիրներուն
անդրանիկը
կրնայ
սեպուիլ
1861-ին
կեդրոնին
կողմէ
կազմուածը,
սակայն
միաբանութեան
կողմէ
չընդունուելով
անգործ
մնաց
(§
2711-2712),
որով
առաջին
կանոնագիր
նկատուեցաւ
1865-ին
կազմուած,
որուն
Եսայի
պատրիարք
յանձնառու
եղաւ
յանուն
միաբանութեան
(§
2739),
եւ
թէպէտ
տառ
առ
տառ
չգործադրուեցաւ,
բայց
իբրեւ
վարչական
հիմնագիծ
ծառայեց
15
տարիներ
մինչեւ
1880-ի
վերոյիշեալ
կանոնագրութիւնը:
Այդ
նորը,
որ
պատրիարքի
եւ
միաբանութեան
համահաճ
համաձայնութեամբ
կազմուեցաւ,
երկրորդ
կանոնագիր
կրնայ
կոչուիլ,
պատուիրակին
ձեռքով
կեդրոնին
ներկայացուեցաւ,
եւ
նոյն
1880
տարւոյ
հոկտեմբեր
10-ին
Ընդհանուր
ժողովէն
ամբողջութեամբ
հաստատուեցաւ
եւ
վաւերացուեցաւ
պատուիրակ
Ասլանեանի
տուած
բացատրութեանց
վրայ
(80.
ՄԱՍ.
2743):
Նոր
կանոնագիրը
նոր
կազմով
եւ
նոր
սկզբունքներով
յօրինուած
էր,
եւ
ազգային
եւ
կանոնադրական
գործոց
մէջ
փորձառու
պատուիրակին
կնիքը
կը
կրէր
իր
վրայ:
Ամբողջը
101
յօդուածներէ
կը
բաղկանայ
երեք
գլուխներու
բաժնուած,
որոնք
են,
կազմութիւն
20
յօդուած,
վարչութիւն
79
յօդուած
եւ
վերաքննութիւն
2
յօդուած:
Առաջին
գլուխը
զանազան
ստորաբաժանումներով
կ՚որոշէ
միաբանութեան
թիւը,
ձայնատէր
եկեղեցականներ
73,
եւ
մնացեալը
172,
բովանդակ
245
հոգի.
անկէ
կ՚անցնի
բացատրել
անդամակցութեան
ընդունելու
պայմանները,
միաբաններուն
պարտքերն
ու
իրաւունքները,
ամբաստանութեանց
ձեւերը
եւ
միաբաններուն
վախճանը:
Վարչական
գլուխը
կը
խօսի
նախ
պատրիարքի
եւ
յետոյ
Տնօրէն
ժողովոյ
վրայ,
զոր
պիտի
կազմեն
վեց
մեծ
պաշտօնակալներ,
լուսարարապետ,
փոխանորդ,
ուսումնապետ,
ելեւմտապետ,
տնտեսապետ
եւ
կալուածապետ,
որոնք
պիտի
ընտրուին
անձնիւր
անդամ
իր
պաշտօնին
որոշմամբ,
եւ
անհատապէս
պատասխանատու
պիտի
ըլլան
իրենց
ճիւղին
եւ
հաւաքաբար
ընդհանուր
վարչութեան:
Միաբանական
ընդհանուր
ժողովոյ
խօսելէն
ետքը
կանոններ
կը
գծուին
վեց
մեծ
պաշտօնակալներուն
պարտուց
եւ
իրաւանց
եւ
իրաւասութեանց
նկատմամբ
բաւական
մանրամասնութեանց
ալ
իջնելով:
Ժողովական
վեց
մեծ
պաշտօնակալներէն
ետքը
կը
յիշուին,
դարպասընկալը,
դիւանապետը,
Կ.
Պոլսոյ
փոխանորդը,
սուրբ
տեղեաց
եւ
թեմերու
տեսուչները,
նուիրակներն
ու
այցելուները,
եւ
իւրաքանչիւրին
գործը
կը
ճշդուի,
եւ
ի
վերջոյ
հատուած
մըն
ալ
կը
նուիրուի
ընդհանուր
վարչական
ընթացքին
վրայ:
Վերաքննութեան
գլուխը
երեք
տարի
պայմանաժամ
կը
դնէ,
եւ
մինչեւ
նոր
կանոնագիրին
վաւերացումը
հինը
գործադրութեան
վրայ
կը
պահէ:
Ցուցակ
մը
աւելցուած
է
իւրաքանչիւր
տեղի
եւ
գործի
համար
որոշուած
անձերու
թիւը
ցուցնող
տարբեր
դասակարգերու
բաժանմամբ,
որոնք
են
եպիսկոպոս,
վարդապետ,
սարկաւագ,
դպիր,
ժառանգաւոր,
քրձազգեաց
եւ
մայրապետ:
Վերջէն
ծանօթութիւն
մը
կ՚աւելցուի
թէ
ի
հարկին
կրնան
փոփոխուիլ
թէ
թիւերը
եւ
թէ
դասակարգերը:
Ազգային
երեսփոխանութիւն
միայն
երկու
փոփոխութիւն
ըրաւ
30-րդ
յօդուածին
մէջ
նորընտիր
պատրիարքի
անունին
յիշատակութիւնը
ուխտէն
ետքը
պահեց,
եւ
100-րդ
յօդուածին
մէջ
վերաքննութեան
պայմանաժամը
երեքէն
երկու
տարիի
իջեցուց:
Նոր
կանոնագիրին
ընդունած
տրամադրութեանց
մէջ
գլխաւորներն
են.
յօդ.
31.
Տնօրէն
ժողովը
պատասխանատու
պաշտօնակալներէ
կազմել
եւ
ոչ
անպաշտօն
հրամայողներէ.
յօդ.
38.
Ընդհանուր
ժողովոյ
մէջ
ձայնատէր
ճանչնալ
մինչեւ
ձեռնադրեալ
սարկաւագները
բացառաբար.
յօդ.
39.
Ընդհանուր
ժողով
գումարել
ամէն
ամսագլխին
ցորչափ
խնդիր
գտնուի.
յօդ.
42.
սովորական
նիստերու
համար
բաւական
սեպել
Երուսաղէմի
մէջ
ներկաներուն
կէսէն
մէկ
աւելին,
իսկ
պատրիարքական
ընտրելեաց
եւ
լուսարարապետի
ընտրութեան
համար
բոլոր
միաբաններու
կէսէն
մէկ
աւելին.
յօդ.
29.
Պատրիարքական
ընտրելեաց
համար
նախ
եօթը
եւ
յետոյ
երեք
ընտրելեաց
ցուցակներ
կազմել
եւ
երկուքը
միասին
ներկայացնել
կեդրոնին.
յօդ.
83.
Երեք
առ
հարիւրէ
պակաս
արդիւնք
բերող
կալուածոց
վաճառումը
Ընդհանուր
ժողովով
որոշել.
յօդ.
32.
վեց
մեծ
պաշտօնակալները
միաբանական
ժողովով,
իսկ
բոլոր
ուրիշ
պաշտօնեաները
տնօրէն
ժողովով
ընտրել:
Մնացեալ
կէտեր
ընդհանուր
կերպով
ամէն
կանոնագիրներու
մէջ
եղածներն
են
եւ
մանրամասնել
զանց
կ՚ընենք:
Կեդրոնին
հաստատութիւնը
որ
1880
հոկտեմբեր
10-ին
տրուած
էր,
հազիւ
1881
մարտ
26-ի
նամակով
կը
հաղորդուի
Եսայի
պատրիարքի
(81.
ՄԻԱ.
388),
եւ
կը
ներկայացուի
ապրիլ
23-ի
միաբանական
ժողովին,
բայց
գործադրելու
համար
կը
սպասուի
պաշտօնի
վրայ
եղող
տնօրէն
ժողովին
պայմանաժամին
լրանալուն,
եւ
անոր
համարատու
տեղեկագրին
քննուելուն,
որ
քանի
մը
նիստերու
նիւթ
կը
մատակարարէ,
եւ
միայն
յունիս
6-ին
նոր
կանոնագիրի
տրամադրութեամբ
տնօրէն
ժողովը
կը
կազմուի,
եւ
անդամները
կ՚ըլլան
Իսահակ
եպիսկոպոս
Աստուածատուրեան
արդէն
լուսարարապետ
եւ
մշտական
անդամ,
Յարութիւն
եպիսկոպոս
Վեհապետեան
փոխանորդ
եւ
յարաբերութեանց
տեսուչ,
Աստուածատուր
եպիսկոպոս
Տէր-Յովհաննէսեան
կալուածապետ,
Սահակ
վարդապետ
Խապայեան
ուսումնապետ,
եւ
Ղեւոնդ
վարդապետ
Մաքսուտեան
ելեւմտագէտ:
Յարութիւն
եպիսկոպոսի
համար
պէտք
է
յիշել
թէ
1880
մարտին
Կարնոյ
առաջնորդութենէն
հրաժարելէն
ետքը
Կ.
Պոլիս
հասած
էր
մայիս
12-ին,
նորընտիր
առաջնորդ
Օրմանեանի
Կ.
Պոլիսէ
մեկնած
միեւնոյն
օրը,
եւ
մայրաքաղաքի
մէջ
հաստատուիլ
չուզելով
յուլիսին
հասած
էր
Երուսաղէմ,
ուր
կը
մնար
ինն
ամիսներէ
ի
վեր
առանց
վանական
գործոց
մասնակցելու,
մինչեւ
որ
տնօրէն
ժողովը
1881
ապրիլ
20-ին
ընդհանուր
ժողովի
առաջարկեց
զայն
միաբանական
գործունէութեան
հրաւիրել,
նկատելով
որ
արդէն
ի
սկզբանէ
անդամ
էր
միաբանութեան
(81.
ՄԻԱ.
381),
թէպէտ
իբր
հեռացեալ
կը
նկատուէր,
ինչ
որ
անհակառակ
հաւանութիւն
գտաւ,
եւ
յունիս
6-ին
ալ
տնօրէն
ժողովոյ
անդամակցութեան
եւ
փոխանորդութեան
ընտրուեցաւ:
2873.
ՄԱՔՍՈՒՏԵԱՆԻ
ԽՆԴԻՐԸ
Նոր
կանոնագիրը
կազմուած,
հաստատուած
եւ
գործադրութեան
սկսած
էր,
եռանդն
արծարծած
էր
միաբաններու
վրայ,
վստահութիւնն
շատցած
էր
դուրսը,
եւ
ակնկալութիւններ
կ՚երաշխաւորէին,
այնպէս
որ
1881
յունիս
6-ին
ընտրութեանց
թուականը
փափաքանաց
լրումը
կը
կարծուէր:
Կեդրոնն
ալ
Ասլանեանի
պատուիրակութեամբ
Երուսաղէմի
մէջ
թէ
ոչ
իրականացած
վիճակ,
գոնէ
վստահութեան
փաստեր
տեսնելով
միտքի
հանդարտութիւն
գոյացուցած
էր,
եւ
յօժարակամ
ջանքով
պարտքի
խնդիրը
լուծելու
եւ
կարգադրելու
ձեռնարկած
էր:
Բայց
ամիս
մը
միայն
տեւեց
այդ
յուսալից
վիճակը,
1881
յունիս
6-ին
լրացածը
յուլիսի
սկիզբները
սկսած
էր
քայքայման
երեւոյթը
ցուցնել:
Կացութեան
տիրապետողները
միշտ
նոյն
հինգերն
էին,
զորս
կանուխէն
մատնանշեցինք
(§
2868),
եւ
որոնք
կանխաւ
պաշտօններու
վրայ
էին,
այս
անգամ
ալ
նոր
տնօրէնին
եւ
ընդհանուրի
դիւանին
տէր
եղած
էին:
Իրօք
ալ
ասոնք
իրենց
առաջուաններէն
աւելի
զարգացած
էին,
աշխատութեան
մէջ
փութաջան
եւ
միաբանութեան
պայծառութեան
անձնանուէր
էին,
միաբանակիցներուն
կողմէն
ալ
յարգ
ու
վարկ
կը
վայելէին,
բազմամեայ
աշխատաւոր
եւ
պատկառելի
միաբաններ
անհակառակ
անոնց
առջեւ
բաց
կը
թողուին
գործունէութեան
ասպարէզը,
մինչեւ
իսկ
չորս
սարկաւագներու
միանգամայն
ընդհանուր
ժողովոյ
դիւանը
յանձնած
էին,
որ
ըսել
է,
միաբանական
ընդհանուր
կացութեան
վրայ
ազդելու
վիճակի
մէջ
դրած
էին:
Եսայի
պատրիարք
խնդամիտ
եւ
երջանիկ
էր
ձեռքին
ներքեւ
այսպիսի
ընտիր
աշխատողներ
գտած
ըլլալով,
որոնց
կը
շռայլէր
անհակառակ
համակերպութիւն
եւ
անսահման
վստահութիւն
եւ
անպայման
հովանաւորութիւն:
Հինգերուն
մեծ
ոյժը
իրարու
հետ
հոգեկցորդ
միութիւնն
էր,
եւ
անով
հիներուն
մէջէն
յարգողներ
եւ
նորերուն
մէջէն
հետեւողներ
կ՚ապահովէին:
Այդ
միութեան
տրուած
առաջին
հարուածն
է
որ
կացութիւնը
կը
կերպարանափոխէ,
եւ
միութեան
քակտուելուն
պատճառ
տուող
պարագան
այնչափ
անբաւական
եւ
պատահական
է
որ
հնար
չէ
չըսել
թէ
գործը
կանուխէն
ներքին
հարուած
մը
կրած
էր,
եւ
երեւան
գալուն
համար
որ
եւ
է
առիթի
մը
կը
սպասուէր,
ինչ
որ
կը
ցուցնէ
թէ
միութեան
ալ
իսկական
եւ
ներքին
հիմը
կատարեալ
ուղղամիտ
եւ
անխառն
հանրային
օգուտը
չէր,
եթէ
կրցաւ
փոքրոգի
անձնականութիւններով
վտանգուիլ:
Ներքինին
թերութիւնը
երեւան
հանող
պարագայն
բոլորովին
դուրսէն
առիթ
մը
եղաւ:
Մաքսուտեանի
եղբայրը
Յակոբ,
որուն
համար
ըսուած
է
թէ
քանիցս
անգամ
միաբանութենէն
արտաքսուած
էր
իւր
անառակութեանց
եւ
խռովարարութեանց
պատճառաւ
(ՆՄԿ.
)
ծննդավայրը
Դամասկոսէն
Երուսաղէմ
դառնալով,
հոն
Մազլըմեանց
Յովհաննէսի
դստեր
հետ
կը
նշանուի,
եւ
յուլիս
12-ին
նշան
կ՚օրհնուի,
եւ
նշանածներ
վանքին
լուսանկարչատունը
գալով
միասին
կը
կենդանագրուին,
վանականներ
կը
տեսնան
եւ
իրարու
կ՚անցնին,
եւ
նոյն
օր
12
յուլիս,
17
ձայնատէր
միաբաններ,
3
եպիսկոպոս
եւ
10
վարդապետ,
եւ
4
սարկաւագ,
հանրագրութեամբ
Եսայի
պատրիարքին
կը
դիմեն
նշանածներուն
նշանը
ջնջելու
(81.
ՄԻԱ.
62):
Իբր
զի
Երուսաղէմի
աթոռին
նուիրական
եւ
աւանդական
կանոնն
էր
միաբաններուն
Երուսաղէմի
մէջ
ազգական
եւ
խնամի
չունենալ
եւ
չկազմել,
եւ
որուն
հետեւանքն
էր
Երուսաղէմացի
միաբան
չընդունիլ:
Հանրագրութեան
բողոքարկուներէն,
եւ
հաւանաբար
գլխաւոր
գործիչներէն
մէկը
հինգերէն
մին
էր,
Վահան
վարդապետ
Յակոբեան:
Հինգերէն
ուրիշ
մըն
ալ
Գէորգ
վարդապետ
Երէցեան
երկու
կողմերուն
ալ
չխառնուելով
միջնորդի
դերը
ստանձնած
էր,
Ղեւոնդ
Մաքսուտեան
գործին
առարկայն
էր,
Գաբրիէլ
Անոյշեան
եւ
Սահակ
Խապայեան
վարդապետներ
Մաքսուտեանի
պաշտպան
եւ
թեւթիկունք
էին:
Իսկ
միաբանութեան
ամբողջութեան
գալով,
17
բողոքարկուներ
երկրորդ
հանրագրութեան
մէջ
18
կ՚ըլլային
(81.
ՄԻԱ.
66),
եւ
ժողովական
քուէարկութեան
առթին
21-ի
կը
բարձրանային
3
ձեռնպահներէն
զատ.
իսկ
Մաքսուտեանի
կողմ
յայտնուողներ
8
միայն
էին
(81.
ՄԻԱ.
72):
Մաքսուտեան
առանձինն
եւ
Անոյշեան
եւ
Խապայեան
միասին
միաբանութենէ
հրաժարական
կը
մատուցանեն
յուլիս
14-ին
(81.
ՄԻԱ.
64-65),
պատրիարքին
հետ
խօսուածները,
տնօրէնի
յուլիս
10-ի
նիստին
մէջ
ըսուածները,
աւանդական
կանոնին
հաստատութիւնը,
բացառիկ
նախընթացերը,
անհատնում
ըսիըսաւներու
եւ
բերանացի
ու
գրաւոր
բանավէճերու
առատ
նիւթ
կը
մատակարարէին,
զի
երկու
կողմեր
իրարու
ներհակընդդէմ
պարագաներու
վրայ
կը
պնդէին
ու
կը
պնդէին:
Պատրիարք
սկզբունքը
պաշտպանելով
ներած
ըլլալը
կը
մերժէր,
Վեհապետեան
միակ
բացառութիւնը
ներել
կը
թելադրէր,
պայմանաւ
որ
նշանածներ
Երուսաղէմէ
դուրս
պսակուին
ու
ապրին.
Երէցեան
կ՚առաջարկէր
բացառութիւնը
ընդունիլ
ինչպէս
եղած
էր
Հաննա
եպիսկոպոսի
եւ
Կիրակոս
պատրիարքի
համար,
Մաքսուտեանէ
խնամիական
յարաբերութիւններէ
հեռու
մնալու
գիր
առնել,
եւ
ապագային
համար
որոշ
եւ
յստակ
կանոն
սահմանել:
Բայց
ժողովի
մեծամասնութիւնը
ոչ
մի
կերպով
չէր
զիջանէր:
Անոյշեան
եւ
Խապայեան
կը
հաւանէին
միաբանութենէ
չհրաժարիլ,
սակայն
Խապայեան
ուսումնապետութիւնը
վերջնապէս
կը
թողուր,
որով
օգոստոս
3-ին
(81.
ՄԻԱ.
89),
անոր
տեղ
ուսումնապետ
կ՚ընտրուէր
Երեմիա
եպիսկոպոս
Տէր-Սահակեան,
եւ
Մկրտիչ
վարդապետ
Սահակեան
ելեւմտից
տեսուչ
կ՚ընտրուէր,
զի
Մաքսուտեան
ամուր
կը
մնար
պաշտօնէ
եւ
միաբանութենէ
հրաժարականին
վրայ,
եւ
օգոստոս
8-ին
(81.
ՄԻԱ.
99),
Երուսաղէմէ
կը
մեկնէր
եւ
9-ին
Պէյրութի
մէջ,
Աստուածածնայ
բարեկենդանի
արգիլեալ
օրը,
խնդիրի
նիւթ
եղող
պսակը
կ՚օրհնուէր:
Դիտուելու
արժանի
կը
սեպենք
թէ
Մաքսուտեան
երբ
առաջ
կը
պնդէր
պատրիարքի
առջեւ
թէ
եղբայրը
ամուսնանալ
չուզեր
եւ
ինքն
է
գործը
կարգադրողը
(81.
ՄԻԱ.
74),
վերջին
գիրին
մէջ
կըսէր
թէ
եղբօրը
ամուսնական
խնդիրը
իր
կամքէն
կախում
չունի
(81.
ՄԻԱ.
88),
որ
կը
ցուցնէ
թէ
ամուսնութիւնը
առիթ
մըն
էր
հեռուէհեռու
զօրացած
կիրքերու
յայտնումներէ
եւ
ոչ
թէ
իսկական
պատճառ
մը:
2874.
ԽՆԴԻՐԻՆ
ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Առեղծուած
ըլլալու
չափ
դժուարին
կը
նկատուին
միշտ
ներքին
անցքերու
պարզաբանութիւնները,
բայց
չենք
ալ
կրնար
զանց
ընել
եւ
բացատրութիւններէ
խուսափիլ,
զի
Երուսաղէմի
ապագային
անիւը
ճիշդ
այդ
առանցքին
վրայ
դարձած
է,
եւ
պատմագիրի
պարտքն
է
եղելութիւնները
ոչ
միայն
յիշել,
այլեւ
լուսաբանել:
Մաքսուտեանի
հանդէպ
հնար
չէ
ուրանալ
ուշիմութեան,
ճարտարութեան,
յաջողակութեան,
գործունէութեան,
եւ
հնարիմացութեան
ձիրքերը,
վարչականին
մէջ
բաւական,
տնտեսականին
մէջ
գերազանց,
ոչ
անխառն
ծննդավայրին
սեփական
եղող
խորամանկ
եւ
շահագէտ
բարքերէ:
Տասնըեօթը
տարեկան
սարկաւագ
ձեռնադրուած
էր,
եւ
տասնըինը
տարեկան
Կ.
Պոլսոյ
աշակերտութենէն
դառնալով
գործունեայ
դեր
կը
ստանձնէր
միանգամայն,
մինչեւ
որ
ուսումնականէն
հեռանալով
բոլորանուէր
ելեւմտականին
կը
հետեւէր
յատուկ
յաջողակութեան
նշաններ
ալ
տալով,
որով
ոչ
միայն
վանական
շրջանակին
մէջ
կը
փայլէր,
այլ
եւ
Ասլանեան
պատուիրակին
(ՆՄԿ.
),
եւ
առեւտրական
դասակարգէ
ուխտաւորներուն
ալ
յատուկ
մտադրութիւնը
կը
գրաւէր
եւ
արժանաւորութեան
հռչակ
հանած
էր:
Հինգերու
շրջանակն
ալ
Մաքսուտեանի
այդ
առաւելութիւնը
ճանչցած
էր,
եւ
աննախանձ
կերպով
զայն
ազատ
թողած
էր
ըստ
այնմ
գործելու:
Անոյշեան
գործերու
շատ
խորունկը
թափանցողը
չէր,
Խապայեան
բոլոր
իր
գործունէութիւնը
եւ
գոհունակութիւնը
բարոյական
ճիւղերու
յատկացուցած
էր,
Երէցեան
կրտսերագոյն
էր
եւ
շատ
ձեռներէց
չէր:
Կը
մնար
Յակոբեան
որ
իր
բնոյթով
եւ
իր
ձգտումներով
կրնար
մրցակից
մը
ըլլալ
Մաքսուտեանի,
բայց
Մաքսուտեան
անդստին
սկիզբէն
ընդհանուր
ժողովոյ
ատենապետութեան
խայծով
զայն
իր
ճիւղէն
հեռու
պահած
էր:
Ճիշդ
ալ
վերեւ
պատմուած
միջադէպը
ծագում
առաւ
երբ
Յակոբեան
տնտեսապէս
ընտրուեցաւ,
եւ
ելեւմտապետին
վայելած
առաւելութիւնները
եւ
կազմած
դիւրութիւնները
տեսաւ,
եւ
իրեն
անմասն
մնացած
ըլլալը
զգաց:
Մաքսուտեան
իր
խնամիին
տուն
գնելու
հասած
էր,
թող
իր
առձեռն
ուրիշ
շահերը:
Յակոբեան
ոչ
նուազ
շահագէտ
եւ
ոչ
նուազ
յաջողակ
անձ
մը,
քուէ
արթնցածի
վիճակն
ունեցաւ,
եւ
շատ
նշանակալից
է
որ
Մաքսուտեանի
եղբօրը
ամուսնութեան
խնդիրը
չելած,
Մաքսուտեանի
1881-ի
ընտրութենէն
առաջ
վարած
պաշտօններուն
հաշիւները
քննելուն
խնդիրը
կը
յուզուէր
Յակոբեանի
նախաձեռնութեամբ:
Այդ
քննական
ձեւակերպութիւնը
շատ
կրնար
երկարիլ,
եւ
կրնար
ալ
դիտուած
նպատակին
չհասցնել,
մինչ
ամուսնութեան
խնդիրը
աւելի
կարճ
էր
եւ
աւելի
ազդու
Մաքսուտեանը
գործէ
հեռացնելու
եւ
անոր
զօրաւոր
դիրքը
խախտելու,
որ
միեւնոյն
ատեն
ելեւմտից
տեսուչ
էր,
տնօրէն
ժողովոյ
ատենապետ
նշանակուած
էր,
ընդհանուր
ժողովոյ
ատենապետ
ընտրուած
էր,
եւ
այդ
պաշտօններու
համախռնութեամբ
դիւրաւ
կրնար
հաշուեքննիչներուն
աչքին
փոշի
փչել.
մինչ
աւանդական
կանոնին
նախանձայուզութիւնը
աւելի
դիւրաւ
կը
գրգռէր
միաբանութիւնը:
Պէտք
է
ըսել
թէ
միաբանութեան
մէջ
ալ
տարածուած
պէտք
էր
ըլլար
Մաքսուտեանի
ընթացքին
ու
դիրքին
ու
վարմունքին
դէմ
հակակրութիւնը,
եթէ
40-ի
չափ
ձայնատէր
միաբաններէն
8
միայն
գտնուեցան
իրեն
նպաստաւորներ:
Այս
է
պարագաներու
հետազօտութենէն
եւ
արձանագրութիւններու
ընթերցումէն
մեր
քաղած
տեսութիւնը,
ապա
թէ
ոչ
եթէ
թաքուն
համակրութիւն
մը
չըլլար,
եթէ
Մաքսուտեանի
դիրքն
ու
ընթացքը
շատերը
ուծացուցած
չըլլար,
ամուսնութեան
խնդիրը
մէկ
անլուծելի
կնճիռ
չէր,
եւ
Երէցեանի
առաջարկած
ձեւը,
այսինքն
Մաքսուտեանի
խնամիական
յարաբերութիւններէ
հեռանալը,
եղբօրը
իր
քաղաքը
դառնալը,
եւ
աւանդական
կանոնը
գրաւոր
հաստատուն
օրէնքի
վերածելը,
բաւական
պիտի
ըլլար
բացառիկ
պարագայն
հիմնական
խնդիր
չդարձնելու:
Իսկ
Խապայեանի
բուռն
պաշտպանութեան
ոճը,
այսինքն
Մաքսուտեանի
արդիւնաւորութեան
եւ
արժանաւորութեան
փաստը
կարծես
աւելի
վնասած
է
Մաքսուտեանի
դատին,
զի
ճիշդ
այդ
կէտերն
էին
որ
հակակրութիւնը
զայրացուցած
էին:
Հարկաւ
անծանօթ
մնացած
չէր
Մաքսուտեանին
հետզհետէ
ստացած
դիւրակեաց
եւ
լայնաձեռն
դիրքը,
մինչ
որ
հայրենական
ժառանգութիւն
մը
ունէր,
եւ
ոչ
ալ
վանական
մատակարարութեան
գործերէն
եւ
վարկէն
զատ
շահագործելու
եւ
օգտուելու
ուրիշ
միջոց
ունէր:
Նմանապէս
չէր
կրնար
դիտուած
չըլլալ
եկեղեցական
սպասարկութենէ
հեռու
մնալը,
կերպարանով
եկեղեցական,
իսկ
զբաղմամբ
կատարեալ
առեւտրական
կենցաղը,
մինչեւ
իսկ
նորընծայութեան
առաջին
պատարագներէն
ետքը
պատարագած
չըլլալը,
եւ
ամենէն
նուիրական
օրերն
ալ
եկեղեցւոյ
դասին
մէջ
չերեւնալը:
Այս
պարագաները
կը
յիշենք
հաւաստելու
համար
թէ
Յակոբեանի
մրցումին
հետ
միաբանութեան
հակակրութիւնը
մեծ
դեր
ունեցած
է
Մաքսուտեանի
դէմ
լարուած
եւ
վարուած
պայքարին
մէջ:
Այս
մասին
մեր
տեսութեանց
հաստատութիւնը
կը
գտնենք
26
միաբաններու
օգոստոս
29-ին
Գէորգ
կաթողիկոսի
ուղղած
բողոքագիրին
մէջ,
ուր
մինչեւ
իսկ
ընդ
ամէնը
երկու
պատարագ
ըրած
ըլլալը
կը
յիշուի,
եւ
Մաքսուտեանի
գործը
ծանրացնելու
համար,
Եսայի
պատրիարք
եւ
Յարութիւն
եպիսկոպոս
իբր
ծածուկ
պաշտպաններ
կը
ցուցուին,
եւ
ասոնց
ալ,
մանաւանդ
Եսայիի
զեղծումներուն
մասին
ծանր
ակնարկներ
եւ
ամբաստանութիւններ
կը
դիզուին
(ՆՄԿ.
):
2875.
ԽՆԴԻՐԻՆ
ՓԱԿՈՒՄԸ
Վերեւ
ակնարկեցինք
թէ
յատկապէս
Ասլանեան
եւ
ուրիշ
Երուսաղէմ
հանդիպող
եւ
դրամական
գործէ
հասկցող
ազգայիններ
հաւասարապէս
գնահատած
էին
Մաքսուտեանի
ելեւմտական
յաջողակութիւնը,
եւ
երբոր
կը
ձեռնարկուէր
Երուսաղէմի
պարտուց
խնդիրը
կարգադրել
եւ
կացութիւնը
բարւոքել,
կը
յուսացուէր
օգտուիլ
Մաքսուտեանի
գործունէութենէն
եւ
յաջողակութենէն:
Մաքսուտեան
գիտակ
էր
այդ
պարագային
եւ
հարկաւ
պիտի
մտածէր
անկէ
օգտուիլ,
ուստի
անմիջապէս
բողոք
կալաւ
առ
ազգային
վարչութիւն
(ՆՄԿ.
)
թէ
զինքն
պաշտօնանկ
ըրած
են,
մինչ
իր
հրաժարականն
էր
իր
քաշուելուն
բուն
պատճառը:
Արդէն
պատրիարքարանը
Ասլանեանի
տեղեկութիւններէն
պատրաստուած
էր
ի
նպաստ
Մաքսուտեանի,
ուստի
պատրիարք
եւ
վարչութիւն
եւ
Երուսաղէմի
յանձնաժողով
անոր
պաշտպանութեան
կը
զինուին,
եւ
օգոստոս
12-ին
նոր
ելեւմտից
տեսուչին
ընտրութենէն
միայն
9
օր
ետքը,
եւ
Երուսաղէմէ
բացատրութիւն
չուզած,
կը
հեռագրեն
թէ
Մաքսուտեան
պաշտօնանկ
եղեր
է
(
ազլ
իտիլմիշ
),
թէ
անոր
պաշտօնին
վրայ
մնալը
Երուսաղէմէ
յանձնաժողովին
ամէն
կերպով
հարկաւոր
(
էզհէր
ճիհէթ
էլ
էմ
)
նկատուած
է,
ուստի
զայն
պաշտօնին
վերահաստատելով
տեղեկագրելնիդ
կը
յանձնարարուի:
Լուրին
խեղաթիւրած
ըլլալը
յայտնի
էր,
զի
Մաքսուտեանի
պնդելը
կազմած
էր
գործին
հիմը,
եւ
անշուշտ
այս
խեղաթիւրումը
անկէ
օգուտ
սպասողին
կողմէն
եղած
էր,
ինչ
որ
Եսայիի
կողմէ
ալ
վկայուած
կը
գտնենք
(ՆՄԿ.
):
Հեռագիրը
13-ին
Երուսաղէմ
կը
հասնի,
14-ին
Եսայի
տնօրէնին
հետ
խորհրդակցելով
կը
պատասխանէ
թէ
անհնար
է
(
ղայրը
միւմքին
)
Մաքսուտեանը
պաշտօնին
վերադարձնել
եւ
թէ
բացատրութիւնը
նամակով
պիտի
տրուի:
Իսկ
բացատրութիւնը
պատրաստելու
համար
Կ.
Պոլսոյ
հեռագիրը
16-ին
ընդհանուր
ժողովին
կը
հաղորդուի:
Անոյշեան,
որ
ատենապետութիւն
կը
վարէր,
յայտնապէս
Մաքսուտեանի
պաշտպանութիւնը
կը
ստանձնէ,
Յակոբեան
ամենայն
ոյժով
տրուած
որոշումը
կը
պաշտպանէ,
բացատրական
տեղեկագիրը
պատրաստելու
համար
չորս
հոգիէ
յանձնաժողով
կը
կազմուի,
ամէնն
ալ
Մաքսուտեանի
հակառակ
եղող
տնօրէնի
անդամներ:
Պատրաստուած
տեղեկագիրը
օգոստոս
19-ի
գումարման
կը
ներկայացուի,
մեծ
ժխորի
պատճառ
կ՚ըլլայ.
Եսայի
պատրիարք
իրեն
եղած
թելադրութիւններէն
կը
շփոթի,
թէ
կեդրոնի
անսաստելով
ակնկալեալ
դրամական
օգնութիւնը
կը
խափանուի.
ուստի
աւանդական
կանոնին
համար
ի
պաշտպանութիւն
ըսածները
կը
սկսի
փոփոխել
եւ
ժխտել,
եւ
տնօրէնին
վրայ
կ՚ուզէ
ծանրացնել
տրուած
որոշումը:
Ատենապետ
Անոյշեան
բացարձակապէս
կ՚ընդդիմանայ
ստորագրել,
վարանումի
կը
տիրէ,
միաբաններէ
շատեր
կարծիքնին
կը
սկսին
փոփոխել,
եւ
ժողովը
շփոթելով
կը
փակուի,
սակայն
ծրագրեալ
տեղեկագիրը
պաշտօնապէս
չի
մերժուիր,
եւ
տնօրէն
ժողովը
կ՚որոշէ
յղել
զայն
պատրիարքի
եւ
իր
դիւանի
ստորագրութեամբ,
ինչպէս
որ
ալ
կը
յղուի
օգոստոս
19
թուականով,
եւ
որոշումը
օգոստոս
15-ի
գումարման
մէջ
կը
նշանակուի
(81.
ՏՆՕ.
37),
որով
Եսայի
պատրիարքի
հեռագիրով
տուած
խոստումը
գործադրուած
կ՚ըլլայ:
Ներսէս
գործը
կրօնային
ատեանի
քննութեան
յանձնած
էր,
իսկ
Ասլանեան
որ
Գահիրէ
կը
գտնուէր,
հազիւ
նոր
դէպքերը
լսած
ամէն
ճիգ
կը
թափէր
իր
կատարած
կազմակերպութիւնը
անխախտ
պահել,
որուն
Մաքսուտեանի
ներկայութիւնը
անհրաժեշտ
կը
դատէր,
եւ
մէկ
կողմէն
Եսայի
եւ
միւս
կողմէն
Ներսէս
պատրիարքները
քաջալերել
եւ
հրահանգել
իր
գրութիւններով
(ՆՄԿ.
):
Կեդրոնը
Ռուսաստան
նուիրակ
յղելու
համար
վարդապետներ
կ՚ուզէր,
եւ
Եսայի
պատրիարքի
կ՚առաջարկէր
Կ.
Պոլիս
գալ
եւ
անձամբ
հանգանակութեան
գլուխ
կանգնիլ,
եւ
Եսայի
կը
փութար
Ռուսահայոց
նուիրակութեան
որոշել
Մամբրէ
Մարկոսեան
եւ
Սահակ
Խապայեան
վարդապետները,
որոնք
օգոստոսին
վերջերը
կը
մեկնէին
(81.
ՏՆՕ.
44),
իսկ
պատրիարքին
Կ.
Պոլիս
երթալը
վանական
գործոց
վնասակար
կը
դատուէր
(81.
ՏՆՕ.
37):
Այս
միջոցին
կ՚իյնայ
26
միաբաններու,
3
եպիսկոպոս,
15
վարդապետ
եւ
8
սարկաւագ,
Գէորգ
կաթողիկոսի
ուղղած
բողոքագիրը,
որով
Ներսէս
պատրիարքն
ալ
իբրեւ
սխալ
տեղեկութիւններէ
խաբուած
կը
դիմեն
Երուսաղէմի
վանքը
եւ
սրբավայրերը
կործանումէ
ազատելու
համար
(ՆՄԿ.
):
Միւս
կողմէն
Սիմէոն
եպիսկոպոս
Սէֆէրեան
որ
Կ.
Պոլսոյ
փոխանորդ
էր
եւ
կեդրոնական
վարչութեան
մօտ
եւ
Երուսաղէմի
յանձնաժողովին
հետ
ուժգին
կերպով
պարտուց
խնդիրը
կը
մղէր,
նամակ
նամակի
վրայ
կ՚ազդարարէր
ու
կը
թախանձէր
Մաքսուտեանի
խնդիրը
կերպով
մը
փակել,
կեդրոնին
կամքին
համակերպիլ,
որպէսզի
կեդրոնէն
սպասուած
աջակցութիւնը
եւ
պաշտպանութիւնը
չվտանգուի
(81.
ՏՆՕ.
42-45):
Կրօնական
ատեանին
ուղղութեան
գալով`
գաղտնիք
չէր
միաբանական
ժողովին
որոշումը
հերքելու
եւ
Ղեւոնդը
պաշտպանելու
միտքը,
եւ
Երուսաղէմի
մէջ
ալ
յայտնի
եղաւ
երբոր
Աստուածատուր
եպիսկոպոս
եւ
Վահան
վարդապետ
գաւառական
պաշտօններու
պատրուակով
Տիարպէքիր
եւ
Մուշ
երթալու
հրաման
ստացան,
որով
կ՚ուզուէր
անոնց
համամիտներուն
վրայ
ալ
ազդել,
բայց
երբ
մէկ
մասը
կեդրոնին
կամքին
հպատակելու
կը
միտէր,
միւս
մասը
իրեն
կարծիքէն
չբաժնուելու
համար
մինչեւ
իսկ
աթոռէն
բաժնուիլ
կը
մտածէր:
Բայց
յառաջագոյն
պետական
իշխանութեան
կամ
կառավարչութեան
դուռն
ալ
կը
բողոքէր,
եւ
անոր
միջամտութիւնը
կը
պահանջէր
իր
ընդդիմութիւնը
զօրացնելու,
եւ
երբ
ակնկալեալ
օգնութիւն
չէր
գտներ
(ՆՄԿ.
),
հոկտեմբերի
սկիզբը
մեկնելու
պատրաստութիւն
կը
տեսնէր,
եւ
եպիսկոպոսներէն
Երեմիա
Տէր-Սահակեան
եւ
Աստուածատուր
Տէր-Յովհաննէսեան,
վարդապետներէն
Մկրտիչ
Սահակեան,
Վահան
Յակոբեան,
Գարեգին
Սաքայեան
եւ
Յակոբ
Սանասարեան,
ու
սարկաւագներէն
Սարգիս
Նորիկեան,
Սարգիս
Խաչատուրեան
եւ
Գրիգոր
Կիրակոսեան,
ու
միաբաններէն
Միքայէլ
Դաւիթեան
եւ
Կարապետ
Յովհաննէսեան
վանքը
կը
թողուն,
եւ
Եսայի
ալ
անհակառակ
թոյլ
կու
տայ
Ասլանեանէ
առած
հրահանգի
համեմատ
(ՆՄԿ.
),
եւ
այսպէս
անջատեալք
Կ.
Պոլիս
կը
հասնին
հոկտեմբեր
21-ին
(81.
ՄԱՍ.
3023):
Կրօնական
ատեանը
իր
վճիռը
գրաւոր
ներկայած
էր
հոկտեմբեր
5-ին,
եւ
նկատելով,
որ
ազգովին
վաւերացեալ
կանոնագիրին
մէջ
միաբաններու
ազգակցութեան
կամ
խնամիութեան
յօդուած
չկայ,
որ
Մաքսուտեանի
եղբօր
Երուսաղէմի
մէջ
բնակելովը
Երուսաղէմացի
միաբան
չընդունելու
աւանդութիւնը
չէր
վնասուեր,
որ
Մաքսուտեան
միաբանական
կանոնի
կամ
աւանդութեան
դէմ
գործած
չէր,
անվաւեր
կը
վճռէր
միաբանական
ժողովին
որոշումը,
եւ
Մաքսուտեանը
միաբանակցութեան
եւ
պաշտօնին
մէջ
կը
վերահաստատէր:
Այդ
վճիռը
Ներսէս
պատրիարք
հոկտեմբեր
6-ին
Եսայի
պատրիարքի
կը
հաղորդէր
(81.
ՄԻԱ.
106-109),
եւ
նա
ալ
հոկտեմբեր
19-ին
զայն
միաբանական
ընդհանուր
ժողովին
առջեւ
կը
հանէր:
Այս
նիստին
մէջ,
որ
17
ներկաներու
եւ
7
գրաւոր
ձայնակիցներու
մասնակցութեամբը
եւ
Անոյշեանի
ատենապետութեամբ
գումարուած
էր,
Վեհապետեան
կ՚առաջարկէ
կեդրոնին
վճիռը
յարգել
միաբանութեան
օգուտին
տեսակէտէն,
եւ
աւանդութիւնն
ալ
յարգելու
համար
կանոնագիրին
մէջ
յօդուած
մը
աւելցնել,
որ
եկեղեցական
միաբաններ
ազգակցութիւն
կամ
խնամիութիւն
չունենան
եւ
չհաստատեն
Երուսաղէմի
մէջ
եւ
ազգականներ
եւ
խնամիներ
չբնակին
Երուսաղէմի
մէջ:
Այդ
առաջարկութեան
վրայ
համաձայնութիւն
կը
գոյանայ
եւ
կ՚որոշուի
ըստ
այնմ
հաղորդել
կեդրոնին,
Ղեւոնդ
վարդապետը
միաբանակցութեան
դարձնել
եւ
ելեւմտից
տեսչութեան
մէջ
վերահաստատել,
եւ
ըստ
այսմ
պաշտօնագիրներ
կը
յղուին
հոկտեմբեր
24-ին
(81.
ՄԻԱ.
109-114),
իսկ
տնօրէն
ժողովոյ
անդամներէն
մեկնողներու
տեղ
նորեր
կ՚ընտրուին:
Այդպէս
կը
փակուի
այդ
միջադէպը,
որ
Երուսաղէմի
ապագային
վրայ
ազդած
ըլլալուն
բացատրել
կարեւոր
սեպեցինք:
Մաքսուտեան
իր
պաշտօնին
դարձաւ,
Կ.
Պոլիս
մեկնող
փոխանորդ
Սէֆէրեանէ
շահուելով
հետզհետէ
վանք
դարձան
բացի
Սահակեան
եւ
Յակոբեան
վարդապետներէ,
որոնք
վերջնական
կերպով
միաբանութեան
հետ
յարաբերութիւննին
խզեցին:
Իսկ
գլխաւոր
հետեւանքն
եղաւ
Մաքսուտեանի
յաղթանակը,
որ
փոխանակ
տկարանալու
առաւել
եւս
զօրացաւ,
ելեւմտից
տեսչութիւնը
անընդհատ
պահեց
25
տարիներ
մինչեւ
1905,
տնօրէն
ժողովոյ
մշտնջենաւոր
անդամ
մնաց
եւ
ատենապետութիւն
վարեց,
եւ
ընդհանուր
կերպով
աթոռին
եւ
միաբանութեան
եւ
վանքին
բացարձակ
տէրը
դարձաւ:
Գէորգ
կաթողիկոս
26
միաբաններու
բողոքագիրը
ստանալով
հոկտեմբեր
1-ին
կոնդակ
մը
յղած
էր
Եսայիի
(81.
ՏՆՕ.
57),
յիշելով
զայն
ալ
թէ
զինքն
կ՚ամբաստանեն
թէ
անխնայ
վատնած
է
պատրաստի
գումարներ
եւ
ցրուած
է
աթոռական
գանձատան
հարստութիւնները,
եւ
կը
յիշէր
նաեւ
զանախորժ
անցս
զումեմնէ
Ղեւոնդ
վարդապետ
անուանելոյ:
Եսայի
միջադէպին
փակուելէն
ետքը
նոյեմբեր
21-ին
կը
պատասխանէ
կաթողիկոսական
կոնդակին,
եւ
երկարօրէն
դէպքեր
եւ
անձեր
եւ
նախընթացներ
յիշելով
իրմէ
կը
հեռացնէ
ամբաստանութիւնները,
առաւելապէս
հիմնուելով
անոնց
ժամանակին
չխօսած
եւ
չբողոքած
ըլլալուն
վրայ,
եւ
յետոյ
ուրեմն
մէջտեղ
դրած
ըլլալնուն,
եւ
կը
կնքէ
թէ
այժմ
միաբանութիւնը
ի
խաղաղութեան
կայ
առաւել
քան
զառաջինն
(ՆՄԿ.
):
Միաբանական
ներքին
ընթացքը
մեր
դիտումէն
դուրս
ըլլալով`
գործին
ունեցած
հետեւանքին
եւ
ուրիշ
մանրամասնութեանց
չենք
մտներ.
բայց
Մաքսուտեանի
խնդիրին
պիտի
վերադառնանք
երբոր
այն
կրկին
անգամ
ընդհանուր
ազգային
խնդիրի
կերպարան
առած
պիտի
տեսնենք:
2876.
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ
ՊԱՐՏՔԸ
Երուսաղէմի
վերաբերեալ
խնդիրներուն
մէջ
գլխաւորը
պարտքի
խնդիրն
էր,
որ
կրնանք
մինչեւ
իսկ
բոլոր
խնդիրներու
շարժառիթը
համարել:
Խնդիրը
հասուցած
ենք
այն
կէտին,
որ
Երուսաղէմ
պարտուց
բարձման
յանձնաժողով
մը
գործին
գլուխ
անցաւ
մայրաքաղաքի
մէջ
անդամակից
ունենալով,
Յովհաննէս
Կիւմշեան
ատենապետ,
Աստուածատուր
Ջունդ
ատենադպիր,
Յակոբ
Նորատունկեան
գանձապետ,
Սերովբէ
Կիւլպէնկեան,
Սենեքերիմ
Մանուկեան,
եւ
Տիգրան
Բարաղամեան,
որ
յաջորդեց
բժշկապետ
Սերվիչէնի
(82.
ԱՐՁ.
71,
59):
Պարտքին
մասին
բացատրութիւններ
տուած
ենք
(§
2870),
իսկ
պարտուց
գումարը
կլոր
հաշուով
30,
000
օսմանեան
լիրա
կամ
330,
000
ռուսական
ռուբլի
կամ
690,
000
գաղղիական
ֆրանք
հաշուուած
էր:
Յանձնաժողովի
ծրագիրն
էր
իւրաքանչիւր
տաճկահայ
անհատէ
երեք
տարի
երեքական
դահեկանի
պահանջը
(§
2871),
Ռուսահայոց
կողմն
ալ
նուիրակներ
յղել,
ինչպէս
որ
Մարկոսեան
եւ
Խապայեան
վարդապետներու
երթալը
յիշեցինք,
եւ
Կ.
Պոլսոյ
մէջ
գործին
ոյժ
տալու
համար
Եսայի
պատրիարքի
անձամբ
ներկայութիւնը
պահանջուեցաւ
(§
2875):
Ռուսիա
գացող
նուիրակները
Կ.
Պոլիսէ
Էջմիածին
ուղեւորեցան,
Գէորգ
կաթողիկոսին
ներկայացան,
որ
դիտել
տալով
հանդերձ
թէ
Ռուսահայեր
յոգնած
են
Տաճկահայոց
հանգանակութիւններէն,
ներքին
ձեւակերպութիւնները
կատարեց
եւ
շրջագայելնին
արտօնեց,
եւ
նոյեմբեր
21-ի
կոնդակով
Եսայի
պատրիարքի
ալ
հաղորդեց
(81.
ՄԻԱ.
117):
Կովկասը
յանձնուեցաւ
Խապայեանի
եւ
ներքին
Ռուսաստանը
Մարկոսեանի,
որոնք
ամէն
տեղ
պատուաւոր
եւ
սիրալիր
եւ
յարգալից
ընդունելութիւն
գտան
թէ
անձնական
արժանիքով
եւ
թէ
Սուրբ
Տեղեաց
համբաւով:
Բայց
Խապայեան
շուտով
դժուարութեանց
հանդիպեցաւ
Կովկասի
տեղական
իշխանութիւններուն
կուսակալի
արտօնագիր
պահանջելնուն
վրայ
(81.
ՏՆՕ.
95),
եւ
ազգային
շրջանակներու
մէջ
Երուսաղէմի
մասին
խառնակ
զրոյցներ
տարածուելուն
պատճառով,
որով
պարտաւորուեցաւ
միտքերը
շինելու
եւ
գաղափարները
ուղղելու
համար,
եւ
Երուսաղէմի
միաբանութեան
վրայէն
անխորհուրդ
մսխողի
եւ
խարդախ
շահագէտի
մեղադրանքը
հեռացնելու
համար
ընդարձակ
յօդուածներ
հրատարակել
պարբերականներու
մէջ
(82.
ԱՐՁ.
289
եւ
306):
Խապայեան
բաւական
ընդարձակ
տեղեկութիւններ
տուաւ
Երուսաղէմի
հասոյթներուն
եւ
ծախքերուն,
եւ
պարտքին
բարդուելուն
վրայ,
զորս
մենք
զանց
կ՚ընենք
վերլուծել,
արդէն
ըստ
բաւականին
բացատրած
ըլլալով:
Իսկ
նա
պահանջողական
եւ
ստիպողական
պարագայից
փաստերով
կ՚արդարացնէր
պարտքերուն
գոյանալը,
եւ
կը
յիշէր
ներսէն-դուրսէն
խնդիրը,
Եսայիի
ընտրութիւնը,
Էջմիածնի
եւ
Երուսաղէմի
ուղեւորութիւնները,
Եգիպտոս
երթալը,
պարգեւներու
եւ
բարեացակամներ
շահելու
ծախքերը,
տպարանի
եւ
վարժարանի
նորանոր
ծախքերը
իբրեւ
կեդրոնէ
պարտադրուած.
բայց
կը
լռէր
լուսանկարչական
եւ
կալվանագործական
կամայականները,
եւ
Եսայիի
անկոպար
եւ
անխորհուրդ
փոխառութիւնները,
եւ
աւելի
ոյժ
կու
տայ
20%
շահով
փոխառութեանց
երեսէն
բարդուած
տոկոսներուն:
Այդ
միջոցին
էր
որ
Երուսաղէմէ
մեկնող
միաբաններէն
Կ.
Պոլիս
մնացող
եւ
իրենց
հակառակութիւնը
շարունակող
երկուքը,
Սահակեան
եւ
Յակոբեան,
առաջինը
գրաւոր
եւ
երկրորդը
բերանացի
առաջարկութիւններ
կը
սփռէին
Երուսաղէմի
պարտքին
մասին,
թէ
ցուցուցած
գումարը
կեղծ
է,
եւ
թէ
պարտքին
պատճառն
ալ
նենգութիւնն
է
(82.
ԱՐՁ.
86),
եւ
ամենայն
հաւանութեամբ
անոնցմէ
ներշնչուած
էին
Կ.
Պոլսոյ
լրագիրներէն
ոմանք
եւ
Զմիւռնիայի
ամսաթերթը
(82.
ԱՐԵ.
280,
337,
394)
որոնք
կծու
քննադատութիւններ
կը
հրատարակէին:
Ուստի
հարկ
եղաւ
որ
երկուքն
ալ
օրինաւոր
հարցաքննութեան
ենթարկուին
պատրիարքարանի
մէջ.
բայց
չկրցան
որոշակի
եւ
փաստացի
բան
մը
հաստատել
եւ
վաւերագիրներ
ալ
չներկայացուցին,
ուստի
այդ
մասին
ընդարձակ
յայտարարութիւն
մը
հրատարկուեցաւ
1882
օգոստոս
27-ին
պատրիարքական
փոխանորդի
եւ
վարչական
խորհուրդի
եւ
Երուսաղէմի
յանձնաժողովին
ստորագրութիւններովը
(82.
ԱՐՁ.
518-521,
եւ
82.
ԱՐԵ.
386-394),
որոնք
կը
վկայեն
թէ
Երուսաղէմի
ելեւմտից
մատակարարութեան
մէջ
տնտեսագիտական
եւ
հաշուեգիտական
թերութիւնք
տեղի
ունեցած
են
թէեւ,
բայց
խարդախութիւն,
գողութիւն
եւ
յափշտակութիւն
չէ
եղած
եւ
չէ
տեսնուած
պաշտօնական
մարմնոց
կողմէն
(82.
ԱՐՁ.
520),
եւ
կը
յայտարարէին
եւս
թէ
ելեւմտից
արդի
տեսուչ
Արժանապատիւ
Ղեւոնդ
վարդապետն
վանական
ելեւմտից
հաշուակալութեան
նորոգ
հաստատեալ
դրութիւնն
ամենայն
ճշդութեամբ
ի
գործ
կը
դնէ.
ուստի
ամբաստանողները
կրօնական
ատեանի
կը
յանձնէին
որ
ըստ
եկեղեցական
օրինաց
արժանաւոր
պատիժը
տնօրինուի
(82.
ԱՐՁ.
521),
որուն
դէմ
սակայն
Յակոբեան
Ընդհանուր
ժողովի
կը
բողոքէր
նոյեմբեր
3-ին
(82.
ԱՏՆ.
257):
Պաշտօնական
յայտարարութեան
նպատակն
էր
տարածուած
զրոյցները
հերքելով
բացուած
հանգանակութեան
յաջողութիւն
ապահովել:
Միեւնոյն
նպատակով
Եսայի
պատրիարք
ալ
վերջապէս
տեղի
տալով
յանձնաժողովին
ստիպմանց
1882
տարւոյ
Զատիկէն
ետքը
ապրիլ
12-ին
Երուսաղէմէ
կը
մեկնէր,
փոխանորդ
նշանակելով
Յարութիւն
Վեհապետեան
եպիսկոպոսը,
որ
արդէն
Տնօրէն
Ժողովոյ
մէջ
յարաբերութեանց
տեսուչ
եւ
ատենապետ
էր
(82.
ՏՆՕ.
158),
բայց
այս
առթիւ
ատենապետութիւնը
փոխանցուեցաւ
Մաքսուտեանի
եւ
ատենադպրութիւնը
Երէցեանի,
փոխան
Անոյշեանի,
որ
պատրիարքին
ընկերացաւ
(82.
ՏՆՕ.
187):
Եսայի
պատրիարք
Աղեքսանդրիա
եւ
Զմիւռնիա
հանդիպելով
ապրիլ
26-ին
կը
հասնի
Կ.
Պոլիս,
եւ
հանդիսապէս
կ՚ընդունուի
(82.
ՏՆՕ.
190):
Հոն
եղած
ատեն
կը
ստանայ
լրացեալ
1881-82
տարւոյ
հաշուեցոյցը
եւ
առաջիկայ
1882-83
տարւոյ
ելեւմտացոյցը
եւ
սեպտեմբեր
22-ին
յանձնաժողովին
կը
ներկայէ,
որուն
մէջ
1882
ապրիլ
30-ի
հաշուեփակին
բացը
ցուցուցած
էր
35,
020
լիրա
օսմանեան
(82.
ԱՏՆ.
191):
Տնօրէնը
իր
տեղեկագիրին
մէջ
կը
գանգատէր
թէ
հակառակ
նորին
բարձր
սրբազնութեան
երկարժամանակեայ
ներկայութեան
ի
Կ.
Պոլիս,
դեռ
որեւէ
արդիւնք
մը
տեսնուած
չէ
(82.
ԱՏՆ.
182).
իսկ
երկար
ժամանակեայ
ըսած
հինգ
ամիս
ալ
չէր
տակաւին,
մինչդեռ
շատ
աւելի
պիտի
երկարէր
Եսայիի
Երուսաղէմէ
բացակայութիւնը
քանի
որ
իւրաքանչիւր
անձէ
հաւաքուելիք
երեքական
դահեկանին
գործը
յաջողութիւն
չէր
գտներ:
Առաջնորդներ
իրենց
պէտք
եղած
տուրքն
իսկ
հայթայթել
չէին
կրնար,
եւ
յաւելուածական
գործը
վրանին
չէին
առներ,
յատուկ
նուիրակներ
հանելու
համար
թէ
բաւականաչափ
վեղարաւորներ
պէտք
էին,
թէ
պետական
արտօնութիւն
ստանալ
հարկ
էր,
եւ
թէ
նոր
ծախքերու
դուռ
կը
բացուէր,
մինչ
ընդհակառակն
վիճակներու
պէտք
եղած
վարդապետներ
կը
պակսէին,
կառավարութիւնը
չէր
վստահեր
ազատ
հանգանակութիւն
արտօնել,
եւ
նոյն
իսկ
շրջաբերութեան
հանուած
տոմսերը
գրաւած
էր,
իսկ
նուիրակութիւնք
գանձելի
արդիւնքէն
մի
լաւ
մասը
պիտի
զեղչէին
իրենց
ծախքերով:
Երկար
ատեն
այդ
կէտերը
մտածուեցան,
1883
փետրուար
17-ին
նուիրակներ
դժուարութեանց
հանդիպեցան,
եւ
ուրիշ
գաղթականութեանց
նուիրակ
հանելը
չփորձուեցաւ
անգամ:
2877.
ՊԱՐՏՈՒՑ
ԲԱՐՁՈՒՄԸ
Վերոյիշեալ
արգելիչ
պարագաները
յանձնաժողովին
եւ
վարչութեան
թելադրեցին
հանգանակութիւնը
պետական
իշխանութեան
եւ
հսկողութեան
ներքեւ
դնել,
այսինքն
զինուորական
տուրքին
յարակցել
երեքական
դահեկանի
գանձումը,
զի
զինուորական
տուրքը
տղայն
ու
ծերը,
ապիկարն
ու
անկարողը
վճարումէ
դուրս
կը
թողուր
թէպէտ,
այլ
հաշիւի
մէջ
կ՚առնէր,
բայց
բաշխումն
ու
գանձումը
ազգին
կը
թողուէր
եւ
վճարումն
ալ
մեղմօրէն
կը
կատարուէր:
Երբ
խառն
ժողովը
յանձնաժողովին
համեմատութեամբ
այդ
ձեւը
նախընտրեց,
ձայնը
դուրս
ելլելով
Ընդհանուր
ժողովի
մէջ
հարցումի
առիթ
կու
տար,
իսկ
վարչութիւնը
1883
մարտ
10-ին,
տակաւին
գործը
բանակցութեան
վիճակի
մէջ
ըլլալուն
բացատրութիւն
տալը
անյարմար
կը
գտնէր
(82.
ԱՏՆ.
359):
Առաջարկը
կառավարութեան
ներկայացուած
էր
1883
փետրուար
17-ին
եւ
պատրիարքական
յիշատակագիրը
Երուսաղէմի
կարեւորութիւնը
եւ
օսմանեան
պետութեան
կողմէ
հայ
ազգին
եւ
յատկապէս
Երուսաղէմի
հայ
սեփականութեանց
մասին
պաշտպանութիւնը
յիշելէն
եւ
բարձրացնելէն
ետքը
կը
խնդրէր,
որ
Երուսաղէմի
պարտքը
մինչեւ
երեք
տարի
բանելիք
տոկոսներն
գումարելով
45,
000
լիրայի
պիտի
լրանայ,
ուստի
կառավարութիւնը
երեք
տարի
զինուորական
տուրքը
3
դահեկան
յաւելուածով
գանձէ,
եւ
նոյն
երեք
տարիները
ազգային
պատրիարքարանի
տարեկան
15,
000
լիրայ
կանխիկ
վճարէ,
որով
փակուի
45,
000
պարտքը
եւ
կառավարութիւնն
ալ
իր
կանխավճարը
ստացած
կ՚ըլլայ
(84.
ԱՏՆ.
386+8):
Կառավարութեան
կողմէ
խնդիրը
սկզբամբ
ընդունելի
նկատուեցաւ,
զի
յղացուած
կասկածները
կը
ցրուէին,
բայց
գործադրութեան
կերպը
ճշդելը
չափազանց
երկարեցաւ:
Ընդհանուր
ժողովի
մէջ
շարունակ
ստիպումներ
կ՚ըլլային
վարչութեան,
գործին
ելքը
ծանուցանելու,
իսկ
վարչութիւնը
գործը
լրացած
չըլլալուն`
պատասխան
տալէ
կը
խուսափէր
(83.
ԱՏՆ.
230):
Վարչութիւնը
երկարաձգումներէ
յոգնած
պահ
մը
զինուորական
տուրքի
յաւելուածը
թողլով,
նուիրակներ
յղելու
արտօնութեան
դարձաւ,
եւ
ըստ
այնմ
1884
մայիս
15-ին
նոր
յիշատակագիր
ալ
ներկայեց
(84.
ԱՏՆ.
396+10),
բայց
ճիշդ
այդ
օրեր
յունիս
5-ին
պետական
պաշտօնագիրը
եկաւ,
որ
կ՚ընդունէր
զինուորական
տուրքի
վրայ
երեք
տարի
երեքական
դահեկանի
յաւելուածը,
բայց
չէր
ընդուներ
տարեկան
15,
000
լիրայի
կանխավճարը,
եւ
կը
խոստանար
հաւաքուած
մասերը
հետզհետէ
պատրիարքարանի
յանձնել
(84.
ԱՏՆ.
390+11):
Այս
անգամ
խնդիրը
Ընդհանուր
ժողովի
առջեւը
կ՚ելլէ
յուլիս
6-ին
(84.
ԱՏՆ.
126),
ուր
զանազան
առարկութիւններու
եւ
միջադէպերու
առիթ
կ՚ընծայէր,
դռնփակ
նիստի
կրօնականի
մասնակցութեան,
դաւանափոխութեան,
այսինքն
կաթոլիկութեան
եւ
բողոքականութեան
յարելու,
մինչեւ
որ
վարչութիւնը
հոկտեմբեր
25-ին
կը
պարտաւորուէր
յունիս
30-ին
ներկայած
տեղեկագիրին
որոշումը
փութացնել
(84.
ԱՏՆ.
343).
բայց
վիճաբանութիւնը
քանի
մը
նիստերու
նիւթ
կը
մատակարարէր,
ատենապետաց
դիւանի
եւ
յատուկ
յանձնաժողովոյ
քննութենէն
կ՚անցնէր,
մայրաքաղաքի
Հայոց
մասնակցութիւնը
կը
խօսուէր,
մինչեւ
որ
1895
փետրուար
1-ի
նիստին
մէջ
ընդունուեցաւ
վարչութեան
1884
յունիս
30-ի
տեղեկագիրին
գործադրութիւնը
(84.
ԱՏՆ.
396+1-7),
պարտաւորիչ
ձեւ
տալով
մայրաքաղաքացւոց
մասնակցութեան
(84.
ԱՏՆ.
393):
Միեւնոյն
ատեն
Երուսաղէմի
պարտուց
բարձման
յանձնաժողովէն
զատ
Ընդհանուրին
կողմէ
հինգ
անձանց
յանձնաժողով
մըն
ալ
կազմուեցաւ
գործադրութեան
հսկելու
եւ
օգնելու,
եւ
իւրաքանչիւր
վեց
ամիս
Ընդհանուրին
տեղեկագրելու
(85.
ԱՏՆ.
30):
Բայց
որովհետեւ
գործը
բազմակողմանի
էր
եւ
երկարաձգումներ
կրնային
ծագիլ
եւ
գործը
վտանգել,
վարչութիւնը
1885
մայիս
23-ին
պարտաւորուեցաւ
նորէն
Ընդհանուրին
դիմել
եւ
յանձնաժողովին
լիազօրութիւն
պահանջել
պատրիարքի
նախագահութեան
ներքեւ:
Խնդիրը
նկատի
առնուեցաւ
Ընդհանուրի
յուլիս
5-ի
նիստին
մէջ
եւ
ընդունուեցաւ
հինգ
անդամները
եօթնի
վերածելու
եւ
ընտրութիւնը
Ընդհանուրէն
բղխելու
պայմանով
(85.
ԱՐԼ.
452),
եւ
19-ին
ընտրութիւնը
կատարուեցաւ,
որուն
մէջ
վարչութենէ
ընտրուած
հինգերէն
չորսը
հաստատուեցան,
Մատթէոս
եպիսկոպոս
Իզմիրլեան,
Յովհաննէս
Նուրեան,
Սեպուհ
Մաքսուտեան,
եւ
Սենեքերիմ
Մանուկեան,
եւ
նորէն
աւելցան
Յարութիւն
Մէրեէմգուլի,
Կարապետ
Սըվաճեան
եւ
Համազասպ
Պալլարեան
(85.
ԱՐԼ.
46):
Այս
մարմինը
կոչուեցաւ
Խորհրդարանական
յանձնաժողով
որ
ի
դիմաց
Ընդհանուր
եւ
վարչական
ժողովոց
պարտուց
բարձման
յանձնաժողովին
հետ
պէտք
եղածը
լիազօրութեամբ
պիտի
որոշէր
պատրիարքի
նախագահութեամբ,
որպէսզի
գործը
երկարաձգումներու
չենթարկուի:
Արդէն
իսկ
յունիս
20-էն
գաւառական
առաջնորդներու
յղուած
էին
հրահանգի
շրջաբերականները
(85.
ԱՐԼ.
439),
եւ
մայրաքաղաքի
արուներու
մարդահամարն
ալ
կատարուելով
30,
000
հոգի
գտած
էին,
որոնց
վրայ
պարտադիր
հանգանակութիւն
պիտի
տարածուէր
գաւառացւոց
նման
(85.
ԱՐԼ.
438):
2878.
ԲԱՐՁՄԱՆ
ԿԵՐՊԸ
Եսայի
պատրիարք
որ
1882
ապրիլ
12-ին
Երուսաղէմէ
մեկնած
էր,
տակաւին
Կ.
Պոլիս
կը
մնար,
պարտուց
բարձման
գործին
հետամուտ:
Առաջին
ժամանակներու
մէջ
երբ
դեռ
զինուորական
տուրքի
հետ
հաւաքելու
խնդիրը
մէջտեղ
ելած
չէր,
թէ
թաղերու
մէջ
շրջելով
քարոզելու
եւ
միտքեր
հանդարտեցնելու
աշխատեցաւ,
եւ
թէ
ունեւոր
դասակարգէն
50-60
հոգիներու
անձամբ
դիմեց
նպաստ
հաւաքելու,
թէպէտեւ
շատ
չափաւոր
յաջողութեամբ:
Իսկ
զինուորական
տուրքին
հետ
հաւաքելու
պետական
որոշումը
տրուելէն
ետքը,
անոր
գործադրութեանը
աշխատակցեցաւ
պատրիարքի
եւ
վարչութեան
հետ:
Բայց
հազիւ
թէ
1885
փետրուար
1-ի
նիստին
մէջ
Ընդհանուրին
որոշումը
լրացաւ,
իսկոյն
ճամբայ
ելլելու
սկսաւ
պատրաստուիլ,
մանաւանդ
որ
բաւական
ծանր
հիւանդութիւն
մըն
ալ
անցուցած
էր
եւ
օդափոխութեան
պէտք
կը
զգար:
Քանի
մը
օր
եւս
մեկնելը
յապաղեց
կայսեր
ներկայանալու
համար`
արքունի
պալատէն
եկած
հրամանին
համեմատ,
եւ
վերջապէս
փետրուար
21-ին
Կ.
Պոլիսէ
մեկնեցաւ
հանդիսական
հանդերձանօք
եւ
բազմաթիւ
եպիսկոպոսներու
եւ
խուռն
բազմութեան
պատուադիր
ընկերակցութեամբ
(85.
ԱՐԼ.
343)
եւ
մարտ
1-ին
Երուսաղէմ
կը
մտնէր
խնդակից
միաբանութեան
դիմաւորութեամբ:
Բացակայութիւնը
տեւած
էր
երեք
տարիէ
երկու
ամիս
պակաս,
բայց
վերջապէս
որեւէ
յաջող
արդիւնք
մը
ձեռք
ձգած
էր:
Եթէ
պատրաստական
գումարներ
չէին
ձեռք
ձգուած,
գոնէ
ապահովութիւն
մը
ստացուած
էր,
պարտքին
պատճառով
աթոռին
եւ
միաբանութեան
հասած
վտանգի
մը
վախը
փարատած
էր,
եւ
հնար
էր
ապագային
հաստատուն
ակնկալութեամբ
պարտատէրները
լռեցնել:
Գալով
ձեռք
առնուած
եղանակին
արդիւնաբերութեան,
Հայերուն
զինուորական
տուրքին
վրայ
երեք
դահեկանի
յաւելուածը
գործադրուեցաւ
1885
մարտ
1-էն
սկսող
ելեւմտական
տարիէն
եւ
պիտի
տեւէր
մինչեւ
1888
փետրուար
29-ին
աւարտող
տարւոյն
վերջը:
Զինուորական
տուրքին
հիմը
զինուորականութենէ
ազատելու
համար
որոշուած
5,
000
դահեկանի
հաշիւն
է:
Կառավարութիւնը
հաշուած
ըլլալով
թէ
իսլամներէն
իւրաքանչիւր
տարի
զինուորագրուողներուն
թիւը
180
արուէ
մէկ
մը
կ՚ըլլայ,
նորածինէն
մինչեւ
հարիւրամեան
մէջը
համրելով,
ըստ
այնմ
ոչ
իսլամներէն
180-ին
մէկը
զինուորագրութենէ
ազատելու
գումարը
կը
պահանջէր,
որ
180-ին
վրայ
բաժնուելով`
իւրաքանչիւրին
27
ղուրուշ
եւ
30
փարա
կ՚ըլլայ
(84.
ԱՏՆ.
396+4),
եւ
որովհետեւ
անչափահասներ,
ծերեր,
անկարներ,
եկեղեցականներ
վճարումի
չէին
կրնար
բռնադատուիլ,
անոնց
մասը
կարողներու
եւ
ունեւորներու
վրայ
կը
բարդուէր:
Ըստ
այսմ
3
դահեկանի
յաւելմամբ
տուրքին
միութիւնը
30
ղուրուշ
եւ
30
փարայի
բարձրացաւ,
որ
ստուգապէս
անտանելի
յաւելում
չէր:
Եւ
որպէսզի
դաւանափոխութեան
ալ
դիւրութիւնը
չընծայուի,
1862-ին
տրուած
հրամանը
որով
դաւանափոխին
իր
առաջին
դիրքէն
ունեցած
պարտքը
մտած
հասարակութեան
հաշուոյն
պիտի
փոխադրուէր
(84.
ԱՏՆ.
396+12),
այս
առթիւ
կրկնուած
եւ
վերանորոգուած
է:
Այդ
մասին
տրուելիք
տեղեկութիւնները
լրացնելու
համար
այստեղ
աւելցնենք,
թէ
որովհետեւ
զինուորական
տուրքին
(
պէտէլաթը
ասքէրիյէ
)
եւ
Երուսաղէմի
նպաստին
(
Մար
Եագուպ
ագճէսի
)
խառն
էին
հաշիւները,
գաւառական
սնտուկներ
այդ
անուններով
գոյացած
գումարները
առանց
որոշելու
կը
փոխանցէին
կեդրոնական
սնտուկին,
եւ
որովհետեւ
զինուորական
տուրքին
գումարը
միշտ
մեծ
ապառիկներ
կ՚ունենար,
զգալի
չէր
ըլլար
Երուսաղէմի
նպաստին
գումարը,
եւ
կեդրոնական
սնտուկէն
ալ
բան
մը
չէր
կրնար
վճարուիլ:
Այդ
անունով
պատրիարքարանի
յանձնուած
ցանցառ
գումարներուն
առաջինը
Կարինէն
եղաւ,
զի
Օրմանեան
առաջնորդ
կառավարական
սնտուկին
տարեկան
հաշիւներուն
փակուելուն
առթիւ,
անձամբ
կուսակալութեան
համարակալին
գործակցելով
յաջողած
էր
հաւաքուած
գումարին
համեմատական
մասը
յանուն
Երուսաղէմի
նպաստին
նշանակել
տալ,
եւ
այդ
անունի
ներքեւ
կեդրոնին
փոխանցուելուն
վրայ
կեդրոնական
սնտուկը
իսկոյն
նշանակուած
գումարը
պատրիարքարանին
յանձնած
էր:
Պատրիարքարանի
դիմումները
ապարդիւն
կը
մնային
Երուսաղէմի
անունով
գումար
հասած
չըլլալուն
պատճառով,
մինչեւ
որ
Վեհապետեան
Յարութիւն
եպիսկոպոսին
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքութեան
վերջը
1887-ին,
ելեւմտից
նախարարութեան
կոչուած
Գազազեան
Յակոբ
փաշայի
բարեկամութենէն
օգտուելով,
յաջողեցաւ
հին
հաշիւները
քննել
տալ
եւ
Հայոց
զինուորական
տուրքի
վճարումներէն
համեմատական
մասը
յանուն
Երուսաղէմի
փոխանցել
տալ
կառավարական
հաշուետումարներու
մէջ,
եւ
այդ
հաշուոյն
մաս
մը
ուղղակի
ելեւմտից
նախարարութենէն
գանձել,
մաս
մըն
ալ
Երուսաղէմի
սնտուկին
վրայ
յանձնարարութիւն
կամ
փոխգիր
ստանալ,
իսկ
մաս
մըն
ալ
9,
000
լիրայի
գումար
մը
տակաւին
Երուսաղէմի
վանական
սնտուկը
պահանջ
ունի
պետական
սնտուկին
վրայ:
Այդ
յապաղման
հետեւանքն
եղաւ
որ
պարտքին
բեռը
Երուսաղէմի
ուսէն
չվերցաւ,
գաւառացւոց
վճարած
գումարը
իր
անմիջական
օգուտը
չարտադրեց,
եւ
պարտքերը
շարունակելով
ստուարացան,
տոկոսները
բարդուեցան
եւ
անբաւական
հասոյթներ
տարեկան
բացեր
աւելցուցին:
2879.
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ
ԳՈՐԾԵՐ
Պարտքի
խնդիրը
ամբողջացնելու
համար
ուրիշ
գործերը
զանց
ըրինք,
սակայն
նշանաւոր
դէպքեր
ալ
չկան
Ազգապատումնիս
ճոխացնելու:
Բաւական
ծանր
եւ
բաւական
կարեւոր
դէպքեր
եղան
Բեթղեհէմի
Ս.
Ծննդեան
տաճարին
շուրջը
տեղի
ունեցած
Յունաց
եւ
Լատինաց
յարուցած
վէճերը,
եւ
Հայոց
աւանդական
իրաւունքները
կապտելու
ջանքերը,
որոնց
նախնական
մասերը
գրած
ենք
(§
2794),
եւ
վերջէն
նորէն
նորոգուեցան
եւ
նոր
ջանքերու
ստիպեցին,
նոր
ծախքերն
ալ
միասին:
Հայոց
հետեւակ
եղող
Ղփտի
եւ
Ասորի
եւ
Հապէշ
միաբանութիւններ
ինքնագլուխ
ըլլալու,
եւ
իբրեւ
Հայոց
բաժնեկից
անոնց
ստացութիւններէն
եւ
իրաւունքներէն
մասեր
կորզելու
յուզումներ
յարուցին
միւս
ազգութեանց
թելադրութեամբ,
որոնց
նպաստաւոր
պիտի
ըլլար
Հայոց
տկարանալը,
մինչ
որեւէ
վնաս
չէր
կրնար
բերել
հետեւակ
ազգութեանց
քիչ
մը
զօրանալը:
Նշանաւոր
խնդիր
մըն
ալ
եղաւ
Մեծ
արտ
կոչուած
գետինին
սեփականութիւնը,
որուն
ստացութիւնը
յիշած
ենք
Յովհաննէս
պատրիարքի
օրով
(§
2646):
Ճիպրան
Կարկուռ
փաստաբան
այդ
գետնին
տիրապետութեան
մասին
խնդիր
յուզեց
եւ
պետական
դատարանին
բարեկամութենէն
օգտուելով
նպաստաւոր
վճիռ
ալ
ձեռք
ձգեց,
Երուսաղէմի
փոխանորդին
զլանալ
տալով
իր
փաստերը
եւ
վաւերագիրները
Երուսաղէմի
բերել
տալով
ներկայելու
պայմանաժամը:
Եսայիի
Կ.
Պոլիս
եղած
պահուն
խնդիրը
յուզուիլ
սկսած
էր,
որուն
ամենայն
ուժգնութեամբ
փարեցաւ
Յարութիւն
իր
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքութեան
միջոցին,
եւ
դենպետական
վճիռը
ջնջել
տալով
եւ
գործը
պետական
ժողովին
առջեւ
հանելով
յաջողեցաւ
վերջապէս
աթոռին
իրաւունքը
պաշտպանել,
եւ
գետինը
արդիւնաւորելու
համար
մասամբ
վաճառելու
եւ
մասամբ
շինելու
կայսերական
արտօնութիւնն
ալ
ստանալ,
եւ
այժմ
այդ
գետինին
վրայ
կառուցուած
են
Երուսաղէմի
աթոռին
գլխաւոր
կալուածները:
Իսկ
վանական
կառավարութիւնը
կրնայ
ըսուիլ
թէ
Մաքսուտեանի
բացարձակ
տիրապետութեան
ներքեւ
մտած
էր,
յորմէհետէ
իր
հակառակորդաց
վրայ
յաղթանակելով
եւ
զանոնք
ցրուելով
կամ
հեռացնելով,
կամ
յանձնառու
հետեւողներու
կամ
համբակ
միաբաններու
խումբ
մը
կազմած
էր
իր
շուրջը:
Այդ
դիրքը
աւելի
զօրացած
էր
պատրիարքին
բացակայութեամբ,
որով
ինքն
ելեւմտից
տեսուչ,
ինքն
տնօրէնի
ատենապետ,
գործունեայ
հմտութեան
եւ
ձեռնհաս
յաջողակութեան
համբաւն
ալ
կազմած,
այլեւս
ոչ
մի
արգելք
չէր
գտներ
իր
առջեւ,
որ
ամէնքը
իր
միտքին
հպատակեցնէր,
եւ
պաշտօնակալները
իր
կամքին
հնազանդեցնէր:
Ինչպէս
ըսինք
Մաքսուտեանի
ձիրքերը
իրաւամբ
զինքը
պիտի
բարձրացնէին,
եթէ
իր
գործերու
կերպերը
եւ
շահադէտ
դիտումները
առիթ
տուած
չըլլային
ապագային
իր
գործունէութիւնը
մեղադրելու
եւ
իրեն
վրայ
քննադատութիւններ
հրաւիրելու:
2880.
ԳԷՈՐԳԻ
ՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ
Երուսաղէմի
պարտքին
խնդիրն
ալ
որոշ
հանգրուանի
հասցնելու
համար
բաւական
յառաջացանք
անոր
պատմութեանը
կարգին,
ինչպէս
Կ.
Պոլսոյ
եւ
Կիլիկիոյ
գործերուն
մասին
ալ
ըրեր
էինք
արդէն
(§
2857,
2682),
ուստի
կը
վերադառնանք
Մայրաթոռոյ
անցքերը
պատմել,
զորս
բաւական
ետեւ
թողուցինք
(§
2810):
Գէորգի
արդիւնաւորութիւնը
կանխեցինք
պատմել
եւ
բացատրել
եւ
արժանաւոր
գնահատումն
ալ
զանց
չըրինք,
զորս
խելահաս
ուղեւոր
մըն
ալ
անկեղծօրէն
գովաբանած
է`
քաղելով
կաթողիկոսին
պաշտօնավարութեան
գործունէութիւնն
ու
արգասիքը:
Այդ
կարգին
կը
թուէ
նա.
1.
Գէորգեան
հոյակապ
ճեմարանը
իր
ուսանողներով
եւ
ուսուցչական
խմբով.
2.
Հնութեանց
թանգարանը
իր
ներքին
կանոնաւոր
կազմակերպութեամբ
ու
նորաշէն
դիրքով.
3.
Մատենադարանը
իր
պատուական
մագաղաթներով.
4.
Ընծայարանը
քահանայացու
կամ
դպիրցու
պատանեօք.
5.
Եկեղեցական
եւ
մատենագրական
գրոց
տպագրութիւնները.
6.
Արարատ
ամսագիրը.
7.
Հայկական
երգեցողութեան
բարենորոգումը.
8.
Օշականի
Ս.
Մեսրոպ
եկեղեցին.
9.
Բիւրականի
ամարանոցին
շինութիւնը.
10.
Թեմական
կրթական
տեսչութեանց
հաստատութիւնը:
Այցելուն
ապագային
ալ
ակնարկելով
այս
եւ
ուրիշ
բաները
թուելը
պատմագիրին
սրբազան
պարտք
կը
նկատէր
(82.
ՓՆՋ.
1731),
եւ
մենք
այդ
դերը
ստանձնած
լինելով`
այդ
պարտքը
կը
կատարենք
եւ
կատարեցինք
եւ
յիշեցինք
Գէորգի
(§
2805)
ճեմարանը,
շինութիւններն
ու
ստացութիւնները
(§
2806),
ծխական
վարժարանները
(§
2804),
քահանայութեան
եւ
երգեցողութեան
զարգացումը
(§
2807),
ամսագիրն
ու
տպարանը
(§
2808),
աւելցնելով
կարեւորագոյն
գործ
մըն
ալ
վանականաց
թողօնին
կարգադրութիւնը
(§
2809),
որ
այցելուին
աչքին
չէր
հանդիպած:
Սակայն
պատմագիրի
անաչառութեամբ
չվարանեցանք
դիտել
տալ
եւ
հոս
ալ
կրկնել
թէ
ճեմարանը
եկեղեցականութեան
համար
դիտուած
օգուտը
Գէորգի
օրով
չարդարացուց,
թէ
թանգարանին
շինուածը
տաճարին
ճարտարապետութիւնը
խանգարեց,
թէ
Օշականի
Ս.
Մեսրոպ
եկեղեցիին
մօտ
Վահան
Ամատունիի
գերեզմանը
մտադրութենէ
վրիպեցաւ:
Ասով
մէկտեղ
կը
խոստովանինք
թէ
պատմուած
եւ
յիշուած
արդիւնքները
բաւական
են
որեւէ
անունի
հռչակ
տալու,
այնպէս
որ
եթէ
մեծագործ
պատուանունն
ալ
շատ
երեւնայ,
զոր
բարերարեալ
կենսագիր
մը
համարձակ
յատկացուցած
է
Գէորգի
(ԱԲՂ.
5
եւ
91),
բայց
արդիւնաւոր
կաթողիկոս
մը
եղած
ըլլալը
կասկած
չի
վերցներ,
եւ
կաթողիկոսներու
շարքին
մէջ
պատուաւոր
տեղ
մը
կ՚ապահովէ
Գէորգի:
Սակայն
որեւէ
գործիչ
եւ
գործունեայ
անձ,
որչափ
ալ
մեծագործ
եւ
մեծանուն
ըլլայ,
հնար
չէ
որ
մեղադրանքէ
եւ
քննադատութենէ
ազատ
մնայ,
ոչ
միայն
յաչաղկոտ
բերաններու
ձեռք
իյնալով
յանիրաւի,
այլեւ
իսկապէս
իր
կիրքին
կամ
անձնական
ձգտումներուն
տեղի
տալով,
կամ
թէ
գործին
զանազան
առումներն
ու
կողմերը
մտադրութենէ
վրիպեցնելով
եւ
սեւեռեալ
գաղափարներուն
ծառայելով
մեղադրանքի
առիթ
ընծայէ:
Ըստ
այսմ
պարտք
կը
զգանք
Գէորգի
անձին
վրայ
դիտողութեան
տեղի
տուած
կէտերուն
վրայ
ալ
խօսիլ
կատարեալ
անաչառութեամբ:
2881.
ԳԷՈՐԳ
ԵՒ
ԿԻԼԻԿԻԱ
Ժամանակին
եղած
եւ
մինչեւ
այսօր
ալ
կրկնուած
դիտողութեանց
մէկը
Կիլիկիոյ
եւ
Աղթամարայ
աթոռներուն
հանդէպ
բռնած
ընթացքն
է:
Ցորչափ
Գէորգ
կը
փափաքէր
Հայ
Եկեղեցւոյ
միութեան
նշանակ
Մայրաթոռոյ
գերագոյն
դիրքը
պահպանել
ու
պաշտպանել,
եւ
մինչեւ
իսկ
կերպով
մը
զգալի
ընել
տալ,
ան
իր
իրաւունքին
մէջն
էր,
եւ
ոչ
ոք
կրնար
իրեն
ընդդիմանալ,
եւ
ոչ
ալ
ընդդիմացած
էր,
եւ
ընդհանրապէս
ընդունած
կէտ
մը
շեշտեալ
պաշտպանութեան
պէտք
իսկ
չունէր:
Բայց
երբոր
նա
սկսաւ
այնպիսի
բացատրութիւններ
գործածել
Կիլիկիոյ
եւ
Աղթամարայ
աթոռներուն
դէմ,
զորս
իր
նախնիք
գործածած
չէին,
ոչ
աւանդական
ճշմարտութեան,
այլ
անձնահաճ
յաւակնութեան
հետեւելու
կերպարանն
առաւ:
Նա
երբեք
իրաւունք
չունէր
հնաւանդ
ուխտի
ձեւը
փոխելով
անոր
մէջ
նորութիւններ
մտցնել,
զի
թէպէտ
կաթողիկոս
էր,
բայց
շինիչ
եւ
ոչ
քակտիչ,
մերձեցուցիչ
եւ
ոչ
մերժեցուցիչ
պէտք
էր
ըլլար:
Պատմութիւնը
իրեն
չէր
նպաստեր
երբոր
յիշեալ
երկու
աթոռները,
անուանեալ,
անվաւեր,
հեստեալ,
հակաթոռ
կը
կոչէր,
զի
իր
նախորդները
ամէն
ատեն
ընդունած
եւ
յարաբերութեան
մէջ
գտնուած
էին
նոյն
աթոռներուն
հետ
եւ
եթէ
յարաբերութեանց
շփումներ
ալ
կ՚ունենային,
սիրայորդոր
խորհրդակցութիւններով
եւ
ժողովներով
կը
փակուէին,
ինչպէս
ըրին
Էջմիածնի
Փիլիպպոսը
եւ
Սսոյ
Ներսէսը:
Կիլիկիոյ
աթոռը
երբեք
Մայրաթոռէն
հակաթոռ
հռչակուած
եւ
վճռուած
չէր,
եւ
Աղթամարայ
աթոռին
դէմ
արձակուած
Սեաւ
լերան
ժողովին
վճիռը
(§
929),
Տաթեւացիէ
(§
1393)
եւ
Վիրապեցիէ
(§
1461)
փոփոխուած
էր,
ուստի
անվաւերութիւնը
մտացածին
էր,
եւ
ինքն
Գէորգ
ալ
հարկաւ
չէր
ունեցած
այդ
կարծիքը`
երբոր
Ներսէս
Վարժապետեան
իրեն
համար
քուէ
կու
տար
Կիլիկիոյ
աթոռն
ալ
ներկայացնելով:
Իսկ
միւս
աթոռներէն
ձեռնադրուած
եպիսկոպոսները
Էջմիածնայ
աթոռին
դարձնելու
համար
կազմուած
արարողութիւնը,
կամ
ինչպէս
ինքն
կոչած
է,
կարգ
վաւերացուցանելոյ
զիրաւունս
եպիսկոպոսութեան
ձեռնադրելոցն
յանվաւեր
կաթողիկոսաց,
բոլորովին
նորահնար
էր,
որպիսի
ինչ
Գրիգոր
Պահլաւունիէ
սկսելով
կաթողիկոսներէն
եւ
ոչ
մէկը
մտածած
կամ
յանդգնած
էր
ընել:
Գէորգի
ըրածը
մինչեւ
իսկ
հակասական
էր,
զի
օրինաւորութեան
թերին
կը
լրացուի
օրէնքով,
իսկ
անվաւեր
նովին
իսկ
ոչինչ
եւ
չեղեալ
կ՚ըմբռնուի,
եւ
պարզ
օրհնութեամբ
անվաւերը
չի
վաւերանար,
եւ
չեղեալը
եղեալ
չըլլար:
Նոյնիսկ
իր
շարադրած
եւ
յօրինած
տուչութեան
ձեւը,
որով
իշխանութիւն
կը
տրուի
կատարել
այսուհետեւ
եւ
պաշտել
իրաւամբ
եւ
անխափան
համարձակութեամբ
զկարգ
եպիսկոպոսութեան,
բաւական
կնճռոտ
կը
դառնայ,
զի
անմեկնելի
կը
մնայ
թէ
ի'նչ
դատաստան
պէտք
է
ընել
անվաւերին
մինչեւ
այն
ատեն
պաշտած
խորհուրդներուն
մասին:
Մենք
չենք
վարանիր
հետեւցնել
թէ
որչափ
ալ
ինքն
կը
կրկնէր
թէ
իր
անձին
համար
չէ
պահանջը,
այլ
աթոռին
համար,
միշտ
յայտնի
կ՚ըլլար
թէ
ամբարտաւան
եւ
խրոխտ
զգացումը,
որ
Գէորգի
անձին
տիրող
հոգին
էր,
եւ
որ
միշտ
կը
զգացուէր
իր
ամէն
խօսքի
եւ
ամէն
շարժումին
մէջ,
այդ
առիթին
մէջ
աւելի
կը
ցոլար:
Ինքն
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարք
եղած
էր,
եւ
ազգային
ու
քաղաքական
պահանջները
մօտէն
կը
ճանչնար,
եւ
պատրիարքական
իշխանութիւնն
ալ
լրութեամբ
իրաւանց
վարած
էր,
ուստի
պէտք
չէր
իբրեւ
անգիտակ
եւ
անփորձ
ոք
այնպիսի
պահանջներ
յարուցանէր,
որոնց
անտեղութիւնը
չէր
կրնար
զգացած
չըլլալ,
եւ
որոնց
ինքն
իսկ
յանձնառու
չէր
եղած:
Մեր
տեսութեամբ
աւելի
բարձրացուցած
կ՚ըլլար
Մայրաթոռոյ
դիրքը,
երբոր
զինքն
յարգող
եւ
գլուխ
ճանչցող
կաթողիկոսական
աթոռներ
ալ
գտնուէին,
քան
թէ
երկրորդական
կամ
մասնաւոր
ճանչցուած
աթոռներ
ջնջուէին,
ինչպէս
ինքն
կ՚աշխատէր
ընել
(ԻԶՄ.
1049),
մանաւանդ
որ
պէտք
չէր
մոռնար
թէ
ազգութեան
մէջ
տիրած
էր
Մայրաթոռը
պօլօժէնիէով
կաշկանդուած
նկատելու
գաղափարը,
զոր
ինքն
Գէորգ
ալ
պաշտպանած
էր,
եւ
Ռուսական
կառավարութեան
կողմէ
ալ
այդ
կաշկանդումը
վերցնել
տալու
խոստումը
տուած
էր,
հետեւաբար
պէտք
չէր
որ
այս
պարագաները
մոռցողի
կերպարան
առնէր:
Ինչ
որ
մենք
կը
դիտենք
նոյն
ատեններն
ալ
ընդարձակօրէն
նկատուած
եւ
հրատարակուած
էր
(70.
ՄԱՍ.
954),
ուստի
թէ
անցեալն
ու
ներկայն,
եւ
թէ
պատմականն
ու
կանոնականը
չէին
նպաստեր
Գէորգի
տեսութեանց,
եւ
միայն
անձնականը
կը
մնար,
որ
զինքն
չի
կրնար
արդարացնել:
Ստոյգ
է
որ
Քէֆսիզեան
բուռն
ընթացք
մը
բռնեց,
սակայն
Գէորգ
առիթ
տուած
եղաւ,
որ
եթէ
Մկրտիչը
չարդարացներ,
Գէորգն
ալ
իրաւունքի
տէր
չըներ,
ինչպէս
իր
կարգին
ալ
բացատրեցինք
(§
2819-2821):
Ահա
Գէորգի
անունին
արատ
բերող
կէտերէն
մին,
որ
եթէ
իրական
արդիւնքներ
չեղծաներ,
սակայն
միտքերը
պղտորելու
կը
ծառայէ
ինչպէս
որ
ալ
հանդիպած
է:
2882.
ԽՆԴԻՐՆ
ՈՒ
ՍՈՎԸ
Ոչ
նուազ
դիտողութեանց
տեղի
տուած
է
Գէորգի
վերաբերումը
Հայկական
խնդիրին
մասին:
Երբոր
միջազգային
դաշնագիրներու
հետապնդումներով
եւ
եւրոպական
տէրութեանց
հովանաւորութեան
ապաւինելով
ընդհանուր
շարժում
մը
կայացած
էր
տաճկահայ
հանրութեան
մէջ,
եւ
ռուսահայ
հանրութիւնն
ալ
հրատարակութիւններով
եւ
ուրիշ
միջոցներով
կու
գար
ոյժ
տալ
այդ
շարժումին,
ամէնուն
փափաքն
էր
Մայրաթոռոյ
գահակալն
ալ
այդ
գործին
մասնակից
տեսնել:
Մասնաւոր
պարագայ
մը
եւս
քանզեւս
կը
շեշտէր
այդ
փափաքը:
Գործին
ծագումը
ռուսութուրք
պատերազմով
սկսած
էր,
ռուսական
պետութենէն
ընդգրկուած
էր
առաջնակարգ
դերը,
ուստի
ռուսաբնակ
կաթողիկոսութեան
միջնորդութիւնը
մեծ
ազդեցութիւն
կրնար
ունենալ
Ռուսիոյ
կայսեր
եւ
նախարարութեան
առջեւ,
եւ
ամէնքը
կը
սպասէին
որ
Ներսէսէն
շատ
աւելի
իրաւամբ,
եւ
Ներսէսէն
շատ
աւելի
ուժգնապէս
Գէորգ
ինքն
ինքնին
ձեռնամուխ
եղած
ըլլար
այդ
նպատակին,
ինքն
Ռուսիոյ
կայսեր
առջեւ
հանած
ըլլար
այդ
գործը,
եւ
ինքն
հետապնդէր
որեւէ
գործնական
լուծում
մը
տալ
եւ
իրականացնել:
Բայց
Գէորգ
այդ
շարժումը
չունեցաւ:
Հարկ
եղաւ
որ
Կ.
Պոլսոյ
կողմէն
դիմում
ըլլար,
եւ
Գէորգի
սիրելի
անձնաւորութիւն
մը,
Կիլիկիոյ
եւ
Աղթամարայ
աթոռներուն
մասին
իր
միտքերուն
Տաճկահայոց
մէջ
արձագանգն
եղող
եւ
եպիսկոպոսութեամբ
իրմէ
վարձատրուող
Իզմիրլեան
Մատթէոս
եպիսկոպոսը
որոշուեցաւ
Էջմիածին
երթալու
եւ
Գէորգի
աջակցութիւնը
խնդրելու
(§
2845):
Իզմիրլեան
անշուշտ
իր
ստացած
պատգամաւորութիւնը
խղճիմտօք
կատարեց,
եւ
իր
յաջողակ
լեզուին
եւ
ժիր
գործունէութեան
ոյժերն
ալ
գործածեց,
բայց
անհնար
եղաւ
Գէորգը
շարժել
եւ
ձեռնարկին
գործակցութեան
համոզել,
մինչեւ
իսկ
գործողները
մեղադրելու
եւ
գործը
հերքելու
միտքեր
եւ
խօսքեր
վերագրուեցան
իրեն:
Իրաւ
քաղաքական
տեսութեանց
եւ
կարծիքներու
տարբերութիւններ
տեղի
ունեցան
եւ
ունին
ալ,
եւ
Ներսէսի
ձեռնարկը
հետեւանքներու
փաստով
քննադատողներ
եղան
ու
կան,
որոնք
անշուշտ
պիտի
կանգնին:
Բայց
եթէ
ասոնք
հեռաւոր
հետեւանքներու
վրայ
պիտի
հիմնուէին,
պէտք
կ՚ըլլայ
որ
Գէորգի
վրայ
մարգարէական
հոգի
ալ
ճանչնան.
իսկ
եթէ
նախնական
նպատակէն
օտարացած
պարագաներու
վրայ
պիտի
հիմնուին
(§
2865),
առիթ
կու
տան
առարկելու
որ
ոչ
թէ
խնդիրին
իսկութեան
պէտք
էր
ընդդիմանալ,
այլ
կասկածելի
պարագաները
արգիլելու
համար
խոհական
գլուխներ
ձեռնարկին
մասնակցած
պէտք
էր
ըլլային,
եւ
ջանային
լաւագոյն
ապագայ
մը
պատրաստել
օրինաւորութեան
շրջանակին
մէջ:
Ամէն
առթի
մէջ
իրականութիւն
մըն
է,
թէ
լաւ
տպաւորութիւն
չգործեց
այն
ատեն
Գէորգի
բռնած
չէզոք
եւ
անտարբեր
դիրքը,
եւ
պատճառ
տուաւ
որ
թէ
ռուսահայ
եւ
թէ
տաճկահայ
հանրութեան
մէջ
նուազեցնէր
Գէորգի
հանդէպ
ազգային
համակրութիւնը,
որ
օգտակար
չեղաւ
անոր
համբաւին:
Եւ
այս
պաղութիւնը
ոչ
թէ
որոշ
եւ
անձուկ
շրջանակի
մէջ
սահմանափակուեցաւ,
այլ
ընդարձակութիւն
գտաւ
հայութեան
ամէն
դասակարգերուն
մէջ:
Ոչ
նուազ
դիտողութեանց
եւ
ստգտանաց
առիթ
տուաւ
Գէորգի,
չըսենք
անտարբեր,
գոնէ
անհոգածու
դիրքը
Վանայ
եւ
Կարնոյ
եւ
շրջակայից
սովին
հանդէպ:
Երբոր
ամբողջ
հայութիւնն
աշխարհիս
ամէն
կողմէն
հնարաւորը
ընել
կ՚աշխատէր
իր
սովեալ
եղբայրները
կերակրելու,
երբոր
մարդասիրական
զգացումը
օտարազգիներն
ալ
կը
մղէր
սովելոց
ձեռք
կարկառելու,
Էջմիածին
որ
ամբողջ
հայութեան
միակ
հայրն
ու
տէրը
ըլլալ
կը
ձգտէր,
եւ
Մայրաթոռոյ
կաթողիկոսը
որ
իրենէն
զատ
ամէն
իշխանութիւն
չքացնել
կը
մտաբերէր,
բաւականացաւ
այնչափ
նուազ
գործել,
որ
իր
դիրքին
եւ
մտայնութեան
բաղդատմամբ
ոչինչէ
քիչ
տարբերութիւն
ունէր:
Ժողովրդական
կարծիքը
անզգայ
անտարբերութիւն
կոչմամբ
սկսած
էր
որակել
Գէորգի
ընթացքը
(78.
ՄԱՍ.
2211),
իսկ
Ռուսահայերու
կողմէ
կ՚առաջարկուէր
ամէն
տեղերէ
պատգամաւորութիւն
ուղարկել
կաթողիկոսը
շարժելու,
բայց
իսկոյն
վրայ
կը
բերէին
թէ
օգուտ
պիտի
չունենայ
զի
Գէորգի
վեհարանը
դժուարամատչելի
է
այցելուների
դիմաց
(78.
ՄԱՍ.
2211):
Իր
գովաբանն
իսկ
ուրիշ
բան
եւ
ուրիշ
նպաստ
չի
կրնար
նշանակել,
բայց
եթէ
մինչեւ
Էջմիածին
հասնողներուն
սեղանատան
աւելորդէն
կերակուր
մը
տալ,
եւ
հին
հանդերձներ
բաժնել:
Կը
յիշէ
եւս
Երեւանի
եւ
Ալեքսանդրապոլի
եւ
Նորպայազիտի
թեմերուն
կոնդակ
մը
յղել,
եւ
քանի
մը
պանդուխտ
քահանաներու
ողորմութիւն
հաւաքելու
վկայական
յանձնել
(ԱԲՂ.
79-80):
Սակայն
հանրային
կարծիքը
կը
սպասէր
որ
բոլոր
հայութիւնը,
գոնէ
բոլոր
ռուսահայութիւնը
շարժման
մէջ
դնէր,
Տփղիսն
ու
Պաթումը,
Աստրախանն
ու
Նոր
Նախիջեւանը,
Մոսկուան
ու
Պետրբուրգը
ոգեւորէր,
Ռուսաստանէն
դուրս
իր
ձայնը
լսեցնէր:
Եւ
երբոր
ամէն
կողմերէ
փութաջան
նորոգ
հոգածութիւններ
կը
պատմուէին,
լրագրութիւնը
ցաւով
կ՚աւելցնէր,
թէ
կը
յուսանք
որ
Վեհափառ
Հայրապետը
այլեւս
չյապաղիր
մեր
հայրենանուէր
սրբազան
պատրիարքին
Ներսէսի
օրինակին
հետեւելու
(80.
ՄԱՍ.
2577),
որ
բաւական
կծու
ակնարկ
մըն
էր
Գէորգի
հասցէին:
Գովաբանն
ալ
կը
զգայ
այդ
թերին
եւ
արդարացուցման
փաստեր
կարկտել
կ՚աշխատի,
թէ
նա
հեռու
էր
շարունակ
ձրիակեր
դատարկապորտներ
պահելու
մտքից
(ԱԲՂ.
78),
եւ
թէ
նպաստի
աշխատանքը
հարկաւ
միայն
կաթողիկոսի
վրայ
չէր
ծանրացած
(ԱԲՂ.
80),
եւ
չկրնալով
ծածկել
թէ
կաթողիկոսի
ընթացքը
լուտանքի
տեղի
էր
տուած,
եւ
մինչեւ
իսկ
Ալաշկերտցւոց
անունով
իբր
հացագին
հաւաքուած
գումարին
կէսը
վար
էր
դրուած,
կը
յայտնէ
թէ
վար
դրուած
մասը
Ալաշկերտի
վարժարաններուն
յատկացուեցան.
սակայն
այդ
եղաւ
երբոր
ձայները
բարձրացան,
եւ
յատկացումներն
ալ
իբր
Գէորգի
առատաձեռնութեան
նպաստ
գովուեցաւ:
Կը
զգուշանանք
ուրիշ
մանրամասնութեանց
մտնել,
չըլլայ
թէ
ամբաստանողի
դեր
ստանձնել
կարծուինք,
ինչպէս
կարծուեցաւ,
Հայաստանի
սովը
եւ
Էջմիածինը
հրատարակութեան
հեղինակը
(ՍՈՎ.
25-62),
թէպէտ
Գէորգ
այդ
միջոցներով
ազդուողը
չէր
(ԱԲՂ.
81):
Գովաբանէն
փառաբանուած
նպաստներուն
կարգին,
1878-ի
Բերայի
հրդեհին,
1871-ի
Փոքրասիոյ
երաշտութեան,
եւ
1875-ի
Պարսկաստանի
գաղթականներուն
մէկ
անգամ
միայն
1000
ոսկւոյ
հանգանակութիւն
մը
կը
յիշուի.
իսկ
մնացեալը
մէկ
երկու
կոնդակի
գրութենէն
աւելի
գործունէութիւն
չի
պարունակեր
(ԱԲՂ.
78):
Եթէ
ուզենք
բացատրել
Գէորգի
այդ
նուազ
հոգածութեան
եւ
իրմէ
պահանջուածէն
պակաս
գործունէութեան
պատճառը,
մենք
ոչ
ապիկարութիւնը
ցոյց
պիտի
տանք,
ոչ
միջոցներու
պակասութիւնը,
եւ
ոչ
անզգայ
անտարբերութիւնը,
այլ
միայն
գժտմնութիւնն
ու
դժկամակութիւնը
զոր
կը
զգար
Տաճկահայոց
հանդէպ,
յորմէ
հետէ
անոնք
հլու
հպատակ
չգտնուեցան
իր
ուռուցիկ
մտայնութեան,
եւ
Սիսն
ու
Աղթամարը
ջնջելու,
եւ
կամ
ինչպէս
իր
միտքին
թարգմանը
կը
բացատրէր
(ԻԶՄ.
),
վանահայրութեան
աստիճանին
ստորնացնելու
չգործակցելնին:
Պարզապէս
ցաւած
սիրտի
ու
վրէժխնդիր
զգացմանց
արտայայտութիւն
էր
Գէորգի
Տաճկահայոց
գործերուն
եւ
պէտքերուն
հանդէպ
պահած
անտարբերութիւնը,
եւ
իր
միտքին
հակառակ
կարծած
անձերուն
հանդէպ
ցուցած
հակակրութիւնը:
2883.
ՆԵՐՔԻՆ
ՎԵՐԱԲԵՐՈՒՄԸ
Գէորգ
որչափ
յառաջեց
տարիքին
մէջ
եւ
պաշտօնին
վրայ,
այնչափ
աւելի
զօրացան
իր
վրայ
անձնահաճ
զգացումները,
որոնք
սակայն
իր
մտքին
հակառակ
ազդեցութիւն
գործեցին,
եւ
իր
համբաւը,
որ
իրօք
մեծափառ
հռչակելով
սկսած
էր,
տակաւ
նուաղեցաւ
հայութեան
մէջ:
Նոյնիսկ
Մայրաթոռոյ
միաբանական
եւ
պաշտօնական
շրջանակին
մէջ
տկարացաւ
իր
մասին
կազմուած
մեծ
գաղափարը:
Առաջին
օրերուն
ձեռնարկու
եւ
շինարար
գործերը
լրանալէն
ետքը
նորեր
չյաջորդեցին,
զի
անոնք
մշտատեւ
եւ
յարաճուն
չէին
կրնար
ըլլալ,
իր
նախորդներուն
օրով
գործի
վրայ
եղողները
ցրուելն
ու
հեռացնելը
դժգոհներու
խումբ
մը
կազմեց,
նորահասները`
զորս
սինոդականութեամբ
եւ
եպիսկոպոսութեամբ
գործի
գլուխ
անցուց,
ոչ
զարգացմամբ
բարձր
եւ
ոչ
գործունէութեամբ
նշանաւոր
անձեր
էին,
այլ
հլու
գործիքներ
ըլլալու
սահմանուած
էին,
շուտով
շփացածի
հովեր
եւ
պահանջներ
ցուցուցին
իր
անհպելի
եւ
անմերձենալի
դիրքին
մէջ
փակուիլը,
եւ
Վահրամ
Մանկունի
եպիսկոպոսին
առջեւ
ընդարձակ
ասպարէզ
բանալը,
միաբանական
եւ
աթոռական
շրջանակին
դիւր
չեկաւ
եւ
դժգոհութիւններ
եւ
գանգատներ
սկսան
բարձրանալ:
Դարձեալ
պիտի
կրկնենք
(§
2810)
թէ
աւելի
քան
Մանկունիի
ձեռներէց
գործունէութեանը
Գէորգէ
հրամայեալ
գործակատարութիւնը
կը
տեսնենք
մենք
այդ
երեւոյթին
մէջ,
բայց
ժամանակին
ուղղակի
Մանկունին
էր
դատափետուածը
(ՍՈՎ.
62),
եւ
անուղղակի
միայն
կը
խօսուէր
Գէորգի
վրայ,
իբր
թէ
տկարացած
եւ
իր
անձնական
պաշտօնէին
ձեռքը
խաղալիք
դարձած
մէկ
մը
ըլլար,
ինչ
որ
սակայն
չէր
արգիլեր
Գէորգի
շուրջը
համակրութիւնը
նուազեցնել,
եւ
այն
անհաճոյ
եղելութեանց
պատասխանատու
նկատել:
Նոյն
իսկ
Գէորգի
ամենամօտ
անձեր
եւ
իրեն
հետ
Պրուսայէ
Էջմիածին
գործունէութեան
անցնողներ,
Պետրոս
Վեհապետեան
եւ
Ստեփանոս
Սանտալճեան
եպիսկոպոսներ,
չկրցան
հաշտ
աչքով
տեսնել
նորահաս
Պրուսացւոյն,
Մանկունի
եպիսկոպոսին
ստացած
ընդարձակ
գործունէութիւնը
եւ
ամենատէր
դիրքը,
եւ
երկուքն
ալ
պատճառանքով
մը
Էջմիածինէ
քաշուեցան.
նոյնը
ըրաւ
Գէորգի
մտերիմներէն
եղող
եւ
վեց
եօթը
տարիներ
հաւատարմութեամբ
անոր
ծառայող
Յովհաննէս
Հովուեանն
ալ,
որ
ոչ
միայն
Էջմիածինը
թողուց,
այլ
եւ
սաստիկ
զայրոյթէն
Կ.
Պոլսոյ
մէջ
իրեն
միտքին
համոզեց
Սանտալճեանը,
որ
Պալաթի
քարոզչութիւնը
կը
վարէր,
եւ
Գէորգի
հովուած
եկեղեցիէն
հեռացած
ըլլալու
դիտմամբ,
անոր
հետ
Հռոմ
մեկնեցաւ
1875
օգոստոս
9-ին
(75.
ՄԱՍ.
1719),
ուր
հռոմէականութեան
ալ
յարեցան,
եւ
Հովուեան
զինքն
աւելի
համարձակութիւն
ստացած
կարծելով
Գէորգի
դէմ
վիմատիպ
հրատարակութիւն
մը
պատրաստեց
եւ
ամէն
կողմ
ցրուեց
նոյն
տարւոյ
հոկտեմբերին
սկիզբը
(75.
ՄԱՍ.
1745):
Բերան
չառնելու
չափ
նողկալի
չարախօսութիւններ
են
Հովուեանի
ամբաստանագիրին
մէջ
պարունակուածները,
ըստ
ինքեան
անհաւատալի
ըլլալու
չափ
չափազանցուած
են
Գէորգի
եւ
Վահրամի
յարաբերութեանց
մասին
ըսուածները,
եւ
գրութեան
ոճն
ալ
կը
մատնէր
թէ
թշնամական
ոգւոյ
արտայայտութիւնք
են
(75.
ՄԱՍ.
1745):
Ուստի
մենք
ալ
աւելի
ընդարձակուիլ
չենք
ուզեր
գրուածի
մը
վրայ,
որ
պաշտօնական
կերպարանէ
հեռացած
եւ
անհատական
հանգամանքներու
մէջ
մտնել
ուզած
է:
Մեր
պատմութեան
պատկանող
կէտը
այն
է
միայն,
թէ
Գէորգի
բռնած
անձնահաճ
ու
միակողմանի,
բուռն
ու
խրոխտ
ընթացքը
ոչ
միայն
շինարար
եւ
օգտակար
չեղաւ,
այլ
եւ
իր
իսկ
անձին
ու
համբաւին
վնասեց,
եւ
մինչեւ
աստիճան
մը
կեանքն
ալ
թիւնաւորեց,
զի
որչափ
եւ
անտարբեր
ուզէր
ցուցնել
զինքը
զրոյցներու
ու
գրուածներու
հանդէպ,
սակայն
անհնար
էր
որ
անոնք
չարաչար
չվիրաւորէին
իրմով
լցուած
միտք
մը
եւ
իր
փառքով
տոգորած
սիրտ
մը:
Գրեթէ
աննշանակ
անցան
Գէորգի
կաթողիկոսութեան
կէսէն
ետքի
տարիները,
զի
ոչ
միայն
նոր
բան
մը
չկրցաւ
աւելցնել
առաջին
կէսին
մէջ
կատարած
յաջողութեանց
վրայ,
այլեւ
պարագայից
բերմամբ
կազմուած
տպաւորութիւններ
սկսան
առաջին
փայլն
ալ
մթագնել,
ոչ
թէ
եղելութիւնները
ջնջելով,
այլ
կողմնակի
տեսութեանց
երեսէն
գաղափարները
այլայլելով:
Անցողակի
յիշեցնենք
եւ
աւելցնենք
թէ
Սանտալճեան
եպիսկոպոսը
որ
1875
օգոստոսին
Հռոմ
եկած
եւ
հռոմէականութիւն
ընդունած
էր,
1876
ապրիլին
արդէն
Երուսաղէմ
կը
գտնուէր
ապաշխարելու
համար:
Շուտով
զղջաց
նա
առած
քայլին
վրայ,
կամ
թէ
չգտաւ
ակնկալած
յաջողութիւնը,
ուստի
Հասունին
կը
դիմէ
որ
տակաւին
Հռոմ
կը
գտնուէր
(§
2847),
եւ
անոր
յանձնարարութեամբ
Անկիւրիա
պաշտօնի
երթալու
պատրուակով
Հռոմէն
կ՚ելլէ,
Քօրֆուէն
ճամբան
կը
փոխէ,
Եգիպտոսի
առաջնորդ
Սուքիասեան
Մեսրոպ
եպիսկոպոսի
մօտ
կու
գայ,
եւ
անոր
միջնորդութեամբ
Երուսաղէմ
երթալու
արտօնութիւնը
կը
ստանայ,
ուր
հասած
էր
ինչպէս
ըսինք
1876
մարտի
սկիզբները
կամ
վերջերը
(76.
ՄԱՍ.
1817):
2884.
ԳԷՈՐԳԻ
ՄԱՀԸ
Գէորգ
կաթողիկոսին
դառնալով
որչափ
ալ
նա
խորին
ծերութեան
հասած
չէր,
եւ
1880-ին
տակաւին
67
տարեկան
էր,
այսուհանդերձ
հիւանդագին
եւ
տկարացած
եւ
ուժաթափ
վիճակի
ինկած
կըսուէր,
եւ
բոլորովին
անմերձենալի
դարձած`
ամենայն
ինչ
Մանկունիի
ձեռքով
կը
կատարուէր
(§
2883):
Այդ
կացութիւնը
տեւեց
դեռ
տարիներ,
միշտ
կաթողիկոսի
տկարութիւնը
կը
խօսուէր,
թէպէտ
ախտին
բնութիւնը
չէր
զրուցուէր,
եւ
հիւանդութեան
թեթեւնալուն
կամ
ծանրանալուն
մանրամասնութիւնները
չէին
լսուէր:
Գէորգ
բուռն
ճիգ
մը
ընելով,
ինչպէս
կըսուէր,
1882
մայիս
9-ին,
երկրորդ
ծաղկազարդի
կիրակին,
եպիսկոպոսական
աստիճան
տուաւ
եօթը
ընծայեալներու,
որոնցմէ
երկուքը
Տաճկաստանէն
էին,
Պօղոս
Մելիքեան
Լիմայ
եւ
Գէորգ
Դերձակեան
Կուտինայի
առաջնորդներ,
եւ
հինգը
Մայրաթոռոյ
միաբաններէն
(82.
ԱՐՁ.
197),
Յովհաննէս
Տէր-Յարութիւնեան,
Թադէոս
Տէր-Դանիէլեան,
Ստեփանոս
Մխիթարեան,
Արիստակէս
Սեդրաքեան,
եւ
Գէորգ
Սուրէնեան.
իսկ
շնորհին
չէին
կրցած
մասնակից
ըլլալ
Պետրոս
Ներկարարեան,
Ստեփանոս
Յովակիմեան
եւ
Մեսրոպ
Ճերմակեան
Տաճկահայոց
առաջնորդներ`
ատենին
հասած
չըլլալնուն
համար
(82.
ԱՐՁ.
225):
Միւս
կիրակի
մայիս
16
Հոգեգալուստի
օրը
արտասովոր
հանդիսութեամբ
կատարուեցաւ
նաեւ
միւռոնի
օրհնութիւնը,
որուն
մէջ
թէպէտ
ականատեսը
կը
վկայէ
թէ
կաթողիկոսը
իր
առնական
ձայնիւ
կ՚օրհնէր
եւ
բարձրաձայն
կ՚երգէր
(82.
ԱՐՁ.
227,
228),
բայց
Գէորգ
հանդէսէն
անմիջապէս
ետքը
նորէն
իր
տկարացեալ
եւ
առանձնացեալ
դիրքը
առաւ,
այնպէս
որ
երեք
ուշ
հասնող
եպիսկոպոսցուներ
ձեռնունայն
դառնալ
պարտաւորուեցան,
զի
կաթողիկոսը
այլեւս
ինքզինքը
անկար
զգաց
ձեռնադրութիւն
կատարելու:
Մայիսէն
սկսելով
հետզհետէ
սաստկացան
Գէորգի
հիւանդութեան
լուրերը,
այնպէս
որ
սեպտեմբեր
25-ին
Ս.
Գէորգայ
տօնին
շնորհաւորութեան
առթիւ
Տփղիսի
հասարակութիւնը
կը
հեռագրէր
թէ
պատրաստ
է
ընձեռել
ամէնատեսակ
օժանդակութիւն,
որուն
Մանկունի
կը
պատասխանէր
թէ
Նորին
օծութեան
առողջութիւնը
բաւականին
գոհացուցիչ
դրութեան
մէջ
է,
հետզհետէ
գնում
է
դէպի
լաւը
(82.
ԱՐՁ.
513):
Խնամող
բժիշկ
Տէր-Գրիգորեանց
ալ
կը
հաւաստէր
թէ
Նորին
վեհափառութեան
առողջութիւնը
միանգամայն
գոհացուցիչ
դրութեան
մէջ
է.
հաւատ
չընծայէք
տարածուած
անհիմն
լուրերին,
եւ
Սինոդի
նախանդամ
Մկրտիչ
Բաբամեան
եպիսկոպոսն
ալ
նոյն
խօսքերով
կը
վստահացնէր
միաբանութիւնը
տօնական
սեղանին
վրայ
(82.
ԱՐՁ.
514),
թէպէտ
նոյն
օր
Գէորգ
չէր
կրցած
կաթողիկոսական
մաղթանքին
ներկայ
գտնուիլ,
միայն
երեք
եպիսկոպոսներ
ընդունած
էր
շնորհաւորութեան,
բայց
փափաքած
էր
անգամ
մըն
ալ
Գէորգեան
Ճեմարանի
220
սաներու
երգեցողութիւնը
լսել,
որոնք
բակին
մէջ
հաւաքուած
էին
ձայնագրագէտ
Յովակիմեան
Ղեւոնդ
վարդապետի
առաջնորդութեամբ
(ԱԲՂ.
88):
Ըստ
այսմ
հակառակ
տրուած
ապահովութեանց
Գէորգի
առողջութեան
վտանգուած
լինելը
յայտնի
էր,
եւ
զրոյցը
հետզհետէ
1882
յուլիսի
մէջ,
Բիւրականի
ամարանոցը
գտնուած
ատեն,
հանդիպել
էր
տաք
բաղանիքից
յետոյ
մի
թեթեւ
կաթուած,
ելեքտրական
դարմանով
օգուտ
տեսեր
է,
բայց
օգոստոսէ
մինչեւ
սեպտեմբերի
սկիզբները
կաթուածը
չորս
անգամ
կրկնուեր
է,
սեպտեմբեր
19-ին
Էջմիածին
վերադարձեր
է
շատ
օգտուելուն
վրայ`
սեպտեմբեր
25-ին
վերոյիշեալ
աւետաւոր
լուրեր
կրցեր
են
հաղորդուիլ
(82.
ԱՐՁ.
529):
Սակայն
մխիթարական
լուրը
աւելի
երեւութական
էր
քան
իսկական.
Գէորգի
հիւանդութիւնը
օրէօր
կը
սաստկանար,
եւ
աւետաւոր
լուրէն
15
օր
ետքը
հոկտեմբեր
10-ին
Տփղիսէն
մասնագէտ
բժիշկ
մը
կը
խնդրուէր,
որ
15-ին
կ՚ուղեւորէր,
կը
քննէր,
կը
զննէր,
բայց
մեծ
յոյս
չէր
ներշնչեր,
զի
Գէորգի
մարմնի
ձախ
կողմը
կաթուածի
էր
ենթարկուած,
եւ
անոր
վիճակը
այլեւս
կարեկցութեան,
ցաւակցութեան
եւ
մտատանջութեան
առարկայ
էր
դարձած
(82.
ԱՐՁ.
509):
Եթէ
մասնագէտին
զննութիւնը
բժշկութիւն
չէր
խոստանար,
բայց
մօտալուտ
վտանգ
ալ
չէր
գուժեր,
մինչեւ
դեկտեմբեր
1,
ամիսուկէս
միջոց
եւս
մահուան
տխուր
դէմքը
հեռաւոր
կը
կարծուէր:
Այն
օրն
էր
որ
դրութիւնը
վատթարացաւ,
ընդհանուր
թուլութիւնը
տիրեց
մարմնին,
բայց
յիշողութիւն
եւ
միտք
կատարելապէս
վրան
էին.
2-ին
վերջին
թոշակի
սուրբ
խորհուրդը
ընդունեց,
եւ
սինոդականները
օրհնելով
յանձնարարեց,
ապրեցէք
ընդերկար
եւ
աղօթեցէք
ինձ
համար,
կառավարեցէք
գործերը,
եւ
ամենայն
ինչ
կարգուկանոնի
մէջ
պահեցէք:
Այսպէս
անցան
երկու
երեք
օրեր
եւս,
5-ին
ինքն
եւս
զգաց
մօտալուտ
մահը,
զգացին
ամէնքն
ալ,
նա
ընդհատուող
ձայնով
օրհնում
էր
ամենուն,
անոնք
տխրագին
տպաւորութեամբ
վայրկեանները
կը
համրէին,
6-ին
առտուն
մրմունջներ
դադրեցան,
կէսօրին
մօտ
գիտակցութիւնը
կորցրեց,
հոգեվարքը
կատարեալ
էր,
եւ
կէսօրը
երկուքուկէս
ժամ
անցած
վերջին
շունչը
տուաւ,
հոգին
աւանդեց:
Անմիջապէս
վեհարանը
կնքուեցաւ,
քոյրը
եւ
Մանկունին
եւ
սպասաւորներ
տեղափոխուեցան,
եւ
Մկրտիչ
եպիսկոպոս
Բաբամեան
տեղակալ
յայտարարուեցաւ:
Դեկտեմբեր
8-ին
լուացումը
կատարուեցաւ
եւ
մարմինը
եկեղեցի
փոխադրուեցաւ
առանձին
հանդիսադրութեամբ,
զգեստաւորեալ
մարմինը
այնպէս
հիւծած
ու
մաշած
էր
որ
հազիւ
էր
ճանաչուում
անձնեայ
եւ
մարմնեղ
կաթողիկոսը
(82.
ԱՐՁ.
657,
658):
Գէորգ
1813
յուլիս
5-էն
մինչեւ
1882
դեկտեմբեր
6,
ապրեցաւ
69
տարի,
5
ամիս
եւ
1
օր.
վախճանեցաւ
Յիսնակաց
երկրորդ
երկուշաբթին
եւ
թաղումը
կատարուեցաւ
Ս.
Յակոբայ
բարեկենդանի
կիրակին
ամսուն
12-ին,
ժամանակ
տալու
համար
հեռու
տեղերէ
եկողներուն,
որոնք
շատ
ու
շատ
եղան:
Յուղարկաւորութեան
ներկայ
գտնուեցան
ահագին
բազմութիւն
ժողովրդեան
եւ
պատգամաւորութիւնք,
փոխարքայի
ներկայացուցիչ,
Երեւանի
եւ
Վաղարշապատի
կառավարական
մարմիններ,
զինուորական
աստիճանաւորներ,
եւ
պատուոյ
ջոկատ,
ամէն
ազգէ
եւ
կրօնքէ
եւ
դասակարգէ
ներկայացուցիչներ:
Յուղարկաւորութեան
թափօրը
Ճեմարանը
շրջապատելով
դարձաւ
Մայրտաճարի
առջեւը,
եւ
նշխարքը
հողին
յանձնեցին
տաճարի
աւագ
դրան
ձախակողմը
(82.
ԱՐՁ.
683):
Այսպէս
վերջացաւ
1867-ի
օծումի
թուականէն
15
ու
կէս
տարի
տեւած
Գէորգ
Չորրորդի
կաթողիկոսութիւնը: