Ազգապատում. հատոր Գ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

2435. ԳՈՐԾԻՆ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐԸ

Բայց այսչափով ալ նորակազմ Քաթօլիք հասարակութիւնը կառավարութեան առջեւ զինքն օրինաւորապէս ներկայացնող պետը չունեցաւ: Անտոն Նուրիճան Հռոմէ գալով Կ. Պոլիս հասաւ 1830 սեպտեմբեր 30-ին, եւ երբոր կարգը եկաւ կառավարութեան հրովարտակը ստանալ, նորէն ներսէն եւ դուրսէն դժուարութիւն հանողներ ասպարէզ եկան: Նուրիճան Կարնեցի էր բնիկ (ՀԱՍ. 18), այլ գերմանական (ՊԷՐ. 216), իմա' աւստրիական հպատակ ըլլալը յայտնուեցաւ, եւ կառավարութիւնը մերժեց օտարահպատակ մը իր հպատակներուն պետ ճանչնալ: Կաթոլիկութեան պաշտպան կանգնող դեսպաններն ալ չկրցան հակառակը պնդել, եւ վերջապէս որոշուեցաւ ուրիշ մը ընտրել իբրեւ կաթոլիկ հասարակութիւնը կառավարութեան առջեւ ներկայացնող, Նուրիճանը պահելով իբրեւ պապութեան կողմանէ նոր հասարակութիւնը կրօնապէս հովուող: Ազգային ժողով գումարուեցաւ 1830 դեկտեմբեր 22-ին, եւ նոր պաշտօնին ընտրուեցաւ Յակոբոս վարդապետ Չուխուրեան, կառավարութեան ներկայացուեցաւ, եւ հրովարտակն ալ ստացուեցաւ 1831 մայիս 24 թուականով (ԶԱՄ. Բ. 208): Հրովարտակը կը պատմէ թէ մինչեւ այն ատեն Կաթոլիկներ առանձինն գլուխ չունէին, եւ յոյն ու հայ պատրիարքներու իշխանութեան ներքեւ կը մնային, բայց նկատելով որ կաթոլիկներուն դաւանանքը ու ծէսը` Յունաց եւ Հայոց դաւանանքէն եւ ծէսէն տարբեր են, պատշաճ դատուեցաւ յատուկ պետ մը, հրովարտակին բառով փիսքոբոս մը տալ, յոյն եւ հայ պատրիարքներէն անկախ, որ իշխանութիւն ունենայ, թէ կայսերական մայրաքաղաքին եւ թէ կայսերական երկիրներուն մէջ գտնուող բոլոր քաթօլիք կրօնքէ գտնուողներուն վրայ (ՊԷՐ. 217), եւ ոչ թէ բոլոր հայ հռոմէական ըսուածներուն վրայ, ինչպէս դարձուցած է հռոմէական հայերէն պատրաստուած թարգմանութիւնը (ՊԷՐ. 220): Օսմանեան տէրութեան հիմնակէտը պարզապէս կրօնական եղած ըլլալով, եւ ըստ այնմ ճանչցած ըլլալով քրիստոնեայ ազգութեանց կազմակերպութիւնը, նոյն սկզբունքով կազմեց կաթոլիկներու ազգութիւնն ալ, մինչեւ նոյնին մէջ միացնելով որեւէ ազգութենէ եղող օսմանեան հպատակ կաթոլիկները: Արդէն իրենց նախնական կնիքն ալ բաթրիքհանէի միլլէթը քաթօլիքեան, այսինքն կաթոլիկ ազգութեան պատրիարքարան վերտառութիւնն ունի, թէպէտ հրովարտակին մէջ բաթրիք կամ պատրիարք անունը տրուած չէ Չուխուրեանին, այլ լոկ փիսքոբոս տիտղոսը իբր առաջնորդ, զոր իրենք ազգապետ անունով թարգմանել սովորեցան (ՀԱՍ. 26): Կառավարութիւնը իր հրովարտակին մէջ ուրիշ պետի մը գոյութիւն չ՚ենթադրեր իսկ. եւ բոլոր կրօնական իշանութիւններն ալ միեւնոյն Չուխուրեանի անձին վրայ համախմբուած կը ճանչնայ, որով մէկ ազգի մէկ պետ եւ մէկ իշխանութիւն ճանչնալու սկզբունքը անփոփոխ կը պահէ, թէպէտ կաթոլիկներ զայն երկուքի վրայ կը բաշխեն:

2436. ԿԱԹՈԼԻԿՆԵՐՈՒ ՆԵՐՔԻՆԸ

Տրուած տեղեկութիւններ բաւական են ցուցնել, թէ անդստին իր սկիզբէն անօրինակ ձեւերով սկսաւ կաթոլիկ հասարակութեան գոյութիւնը, եւ երկու գլխաւորներու իրարու հանդէպ դրութիւնը խնդիրներու եւ վէճերու եւ տխուր միջադէպներու ասպարէզ բացաւ, որոնք այսօր ալ տակաւին կան ու կը մնան, իրենց սկզբնաւորութենէն 85 տարի ետքը: Ընդհանուր խանդավառութիւնը եւ երկու պետերուն Չուխուրեանի եւ Նուրիճանի, խոհեմ ընթացքը կրցաւ պահ մը համերաշխութիւնը չխանգարել, եւ ջանացին իրարու ձեռք տալով առաջին կազմակերպութիւնները կատարել: Նուրիճանի ընտրութիւնը կատարող ժողովը, առժամեայ վարչութիւն մըն ալ ընտրած էր, մէկ նախագահէ իշխանապետ անունով, եւ տասը ժողովականներէ երեսփոխան անունով. իշխանապետ ընտրուած էր Յակոբ Տիւզեան, եւ ժողովականներն էին Անտոն Կէօչէեան, Պօղոս Պիլէզիկճեան, Պետրոս Խիւտավէրտեան, Վիչէն Գըլճեան, Անտոն Թնկըրեան, Մելքոն Սաքայեան, Գէորգ Ազնաւորեան, Գրիգոր Մսըրլեան, Խաչատուր Պօղուճուեան եւ Յակոբ Արդարեան (ՀԱՍ. 23): Ասոնք եղան որ գլուխ կանգնեցան ազգային ժողովով ներքին կանոններ հաստատելու (ՀԱՍ. 26), Նուրիճանի մասին յարուցուած դժուարութիւնը հարթելու համար Չուխուրեանի ընտրութիւնը մտածեցին 2434), սեփական եկեղեցի կառուցանելու արտօնութիւնը ստացան, եւ Ղալաթիոյ մէջ իրարու խիտ տուներու մէջտեղը, բայց իրենց տուներուն մօտ տեղ մը որոշեցին, Քուլէքաբու եւ Քէմէրալթը փողոցներուն միջավայրը, 1831 յուլիս 15-ին հիմնարկէքն ալ կատարեցին: Բայց շինուածին լրումը երկարեցաւ (ՊԷՐ. 236), մինչեւ 1834, եւ յուլիս 14-ին օծումը կատարուեցաւ (ՊԷՐ. 258), հիմնարկէքէն երեք տարի ետքը, որչափ ալ բոլոր ժողովուրդը, նուէրով եւ ընծայով, բազուկով ու շալակով անոր աւարտելուն մասնակցած էր (ՀԱՍ. 28): Եկեղեցին օծուեցաւ յանուն Ս. Փրկչի, եւ հաստակառոյց շինուած մը եղաւ, յարակից սենեակներով ազգապետի եւ եկեղեցականաց համար: Նուրիճան, որ աւելի ազգայնական զգացումներու հետեւող մըն էր, ջանաց հայկական ծէսը նոյնութեամբ հաստատել նորաշէն եկեղեցւոյն մէջ, օգուտ քաղելով Պիոս Ը. հրահանգէն ալ, որ իբր հռոմէականութեան նշանակ բաւական սեպած էր ծնունդը դեկտեմբեր 25-ին եւ Աւետումը մարտ 25-ին տօնել, բաժակին մէջ ջուր խառնել, Սուրբ Աստուածը առանց խաչեցարի երգել (ԶԱՄ. 208), եւ Հռոմի պապին անունը պատարագի մէջ յիշել: Կիրառութեան ընդունուած տօնացոյցը նախասիմէոնեանը եղաւ. գուցէ անոր համար որ Վենետիկի վանքն ալ ընդունած չէր սիմէոնեանը: Տօնացոյցին կարգն ալ ընդհանրապէս պահեցին, բացի դեկտեմբերի վերջին կէսէն, զոր այլայլեցին դեկտեմբեր 25-ի Ծնունդին յարմարցնելու համար: Ծիսական գիրքերու հռոմէական տպագրութիւններ չգտնուելուն` հայկականները գործածուեցան, չմոռնալով եւ յՈրդւոյ յաւելուածները ինչ ինչ փոփոխութիւնները պահել Հռոմի սրբագրութեանց հետեւողութեամբ: Քօլէճեան կուսակցութիւնը այդ ժամանակէն սկսաւ լատինամոլութիւնը շեշտել ուզելով, շատ բաներ լատինականներու նմանցնել. եւ բուն հայկականները զեղչել, անոնք իբր մոլորութիւն սեպելով, զոր օրինակ, վարագոյրը, վերաբերումը, եկեղեցական զգեստները, եւ այլն, եւ Հռոմի ալ բողոքներ գրելով: Բայց Նուրիճան հաստատուն մնաց իր ընթացքին մէջ, Աբբայեան կուսակցութեան եկեղեցականներէն եւ աշխարհականներէն քաջալերուած: Այդ միջոցին կը վերագրուի դպրաց շապիկներուն ուսանոցը շապիկէն զատելով թիկնոցի ձեւին վերածել, որուն հեղինակ կը ճանչցուի Տիւզեան գերդաստանը իր շինել տուած շապիկներովը, ինչ որ ուսանոցներու անվնաս պահպանութեան միջոց մը կարծուելով, բուն հայ եկեղեցիներու մէջ ալ սկսաւ մուտ գտնել:

2437. ԿԱԹՈԼԻԿ ԱԶԳԱՊԵՏՆԵՐԸ

Որչափ ալ Սուլտան Մահմուտ կայսրը կաթոլիկներու ազատագրութիւնը կը հաստատէր, սակայն անխախտ էր անոր մտքին մէջ, իր հպատակները օտար յարաբերութիւններէ եւ նոյնիսկ օտարասիրութենէ հեռու պահելու սկզբունքը: Ըստ այսմ Չուխուրեանի տրուած հրովարտակին մէջ յայտնապէս յիշուած էր, բնաւ երբեք լատին եկեղեցիներ չերթալ (ՊԷՐ. 217), եւ օտարներու հետ խառն ամուսնութիւններ չընել (ՊԷՐ. 218): Բայց լսուելով որ պէտք եղած մտադրութիւնը չի դարձուիր այդ կէտերուն, 1832 փետրուարին նոր հրամանագիրով մը կը կրկնուէր քաթօլիք փիսքոփոսու Չուխուրեանին, որ Լատիններու հետ խառն ամուսնութիւններու պատճառ եղողներ եւ հրաման տուողներ եւ օրհնող քահանաներ տանջանքներու պիտի մատնուին եւ դուռներուն առջեւ պիտի կախուին, եւ նոյն սպառնալիքներ ազգապետին ալ կ՚ուղղուէին (ՊԷՐ. 237-238): Այդ պարագաներ յայտնի կը ցուցնեն թէ ի'նչ պայմաններու ներքեւ տրուեցաւ կաթոլիկներու անկախ հասարակութիւն կազմելու հրամանը: Առաջին անգամ իրենց պետին փիսքոփոս անունով տրուած հրովարտակը, ինչչափ ալ ազգապետական իրաւունքներ կը պարունակէր, սակայն շատ ամփոփ եւ համառօտ էր, եւ Հայոց եւ Յունաց պատրիարքներուն տրուած հրովարտակներէն տարբեր էր, նոյնիսկ պատրիարքի անունն ալ զլացուած էր, եւ նոյնպէս մնաց մինչեւ Չուխուրեանի մահը 1834 ապրիլ 17-ին: Իրեն յաջորդ ընտրուեցաւ Յարութիւն վարդապետ Չուխաճեան նոյն ապրիլ ամսուն մէջ, եւ անոր հաստատութեան առթիւն էր, որ Յակոբ Տիւզեան բոլոր իր ազդեցութիւնը ու միջոցները գործածելով յաջողեցաւ Հայոց եւ Յունաց պատրիարքներուն նման տիտղոսով եւ արտօնութիւններով հրովարտակ հանել տալ (ՀԱՍ. 34), եւ կաթոլիկներու համար ալ պատրիարք եւ պատրիարքարան անուններ սկսան գործածուիլ պետական եւ ազգային շրջանակներու մէջ: Կարճառօտ եղաւ Չուխաճեանի պաշտօնավարութիւնը, զի իր նախորդին մահուան տարելիցին, 1835 ապրիլ 17-ին ինքն ալ կը վախճանէր, եւ մայիսի մէջ իրեն կը յաջորդէր Գրիգոր վարդապետ Էնքսէրճեան, Վիէննական Մխիթարեաններէն եւ Քօլէճեան կուսակցութեան ծառայողներէն, որով ազգապետը կրօնական պետին դէմ յայտնապէս կքրող մը եղաւ: Խաղաղութիւնը վերահաստատելու համար հարկ եղաւ Էնքսէրճեանը հրաժարեցնել ութամսեայ պաշտօնավարութենէ ետքը, եւ 1836 յունուար 15-ին ստիպուեցաւ քաշուիլ, եւ յունուար 21-ին ընտրուեցաւ Կարապետ վարդապետ Եսայեան Վենետիկի Մխիթարեաններէն (ՀԱՍ. 524): Ասոր օրով 1838 յունուար 20-ին Նուրիճան ալ վախճանեցաւ ալեւորեալ տարիքի մէջ, եւ կաթոլիկ հասարակութեան մէջ ներքին վէճերու ասպարէզը ընդարձակուեցաւ, որոնց պատմութեան կը դառնանք իրենց կարգին:

2438. ԿԱՐԱՊԵՏԻ ՎԵՐՋԻՆ ԳՈՐԾԵՐԸ

Պատմական պարագաներուն կապակցութիւնը պահելով եղելութիւնները լուսաբանելու հարկը, մեզ կը ստիպէ գլխաւոր դիպուածները մինչեւ իրենց հետեւանքը յառաջ մղել, եւ ժամանակակից ուրիշ դիպուածները պահ մը յետաձգել, եւ վերջէն ետ դառնալով ձեռք առնել: Կաթոլիկական խնդիրն ալ մեզ մինչեւ 1838 յառաջ մղեց, սակայն այդ թուականէն առաջ ունինք Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան վերաբերեալ նշանակելի կէտեր: Սկսինք Գումքաբուի մայր եկեղեցւոյ վերաշինութենէն, որուն 1826 օգոստոս 18-ին պատրիարքարանի հետ հրկիզուիլը արդէն յիշեցինք 2430): Հնար չէր երկար ատեն աւերակ թողուլ ազգային կեդրոնը, բայց հակառակ Պէզճեանի փութաջան հոգածութեանց, արտօնութեան եւ դրամի եւ ատաղձի պատրաստութիւնները ամբողջ 1827 տարին գրաւեցին, եւ հիմնարկէքը կատարուեցաւ 1828 փետրուար 10-ին, մեծ պահոց առաջին ուրբաթ օրը, բայց շինութիւնը հապճեպ առջեւ տարուեցաւ, այնպէս որ ութ ամիս ետքը հոկտեմբեր 1-ին աւարտած արձանագրուեցաւ (09 ՕՐԱ. 156), թէպէտեւ օծման հանդէսը ամսուն 14-ին կատարուեցաւ (ՊԷՐ. 200), Խաչի հինգերորդ կիրակիին: Երեք մեծ եւ զատուցեալ տաճարներէ կը բաղկանայ մայր եկեղեցին, կեդրոնականը յանուն Ս. Աստուածածնի, աջակողմեանը կամ հիւսիսայինը յանուն Ս. Խաչի, եւ ձախակողմեանը կամ հարաւայինը յանուն Ս. Որդւոց Որոտման, որ կանանց յատկացեալ է եւ վերնատունով յարդարուած է: Ուրիշ երկու փոքր տաճարներ ալ շինուեցան երեքին մէջերը, աջակողմեանը Ս. Յարութեան եւ ձախակողմեանը Ս. Ծննդեան նուիրուած, որոնք մեծերը հաղորդակցութեան մէջ կը դնեն: Այս հինգ տաճարներու նուիրագործումները կատարեցին, Կարապետ պատրիարք, Աստուածատուր եպիսկոպոս, Երեմիա եպիսկոպոս, Յովհաննէս վարդապետ Երուսաղէմի փոխանորդ, եւ Բարթողիմէոս վարդապետ պատրիարքի փոխանորդ: Իսկ այժմ փակուած Ս. Հրեշտակապետաց վեցերորդ եկեղեցին, Ս Խաչին հիւսիսակողմը, Անդրէաս վարդապետ օծեց (ՊԷԶ. 76): Մեծ տաճարները մայրաքաղաքի ընդարձակագոյններն են միջին տաճարը երկու կարգ սիւներով ալ բաժնուած, բայց գմբէթ եւ զանգակատուն չեն ունեցած, եւ այժմ տեսնուած զանգակատունը վերջին ատեններ աւելցուած է: Երեքն ալ ժամանակ ժամանակ մասնաւոր նորոգութիւններ ունեցած են. եւ միջին տաճարին գաւիթի որմնափակն ալ վանդակապատի փոխուած է, եւ նոր լիակատար նորոգութիւն եղած է 1902-ին Սմբատեան Մանուկի ծախքով եւ Մաղաքիա Օրմանեան պատրիարքի հոգածութեամբ: Իսկ Ս. Խաչի տաճարը իր հին գաւիթը կամ որմով բաժնուած ժամատեղին կը պահէ տակաւին: Մայր եկեղեցւոյ կից դպրաց ուսումնարան մըն ալ շինուեցաւ, եւ դրան հանդէպ պատրիարքարանը փայտաշէն երկու կողմէն հրդեհարգել բարձր պատերով զատուած, որ նոյնութեամբ կը մնար մինչեւ վերջին տարիները, եւ նոր շինութեան տեղի տալու համար քանդուեցաւ: Մայրեկեղեցիէն ետքը նորոգ շինուեցաւ Գարակէօմրիւքի Ս. Յովհան Ոսկեբերան փոքրիկ փայտաշէն եկեղեցին, Պալաթու Պաղտասար քահանային բազմաշխատ վաստակօք (ՊԷՐ. 203), նոյն կողմերը բնակող Հայերուն մեծ վտանգէ մը ազատելնուն յիշատակին: Օծումը կատարուեցաւ 1829 մայիս 7-ին Յինանց չորրորդ երեքշաբթին: Եկեղեցին իբր հրաշագործ ուխտատեղի պատուուած էր ամէն ատեն մայրաքաղաքացիներէն մինչեւ 1900 յուլիս 6-ի հրդեհը: Այնտեղ պահուած Չարխափան Աստուածածնայ պատկերը Փոքր Արմաշու անունով կը յիշուի, եւ այժմ փոխադրուած է Պալաթու եկեղեցին: Կարապետ պատրիարքի օրով շինուած են նաեւ Իւսկիւտարի Ս. Խաչ Խասքէօյի Ս. Ստեփանոս եկեղեցիները, երկուքն ալ ընդարձակ եւ ամրակառոյց, առաջինը օծուած 1830 սեպտեմբեր 27-ին եւ երկրորդը 1831 յուլիս 4-ին, երկուքն ալ կը մնան տակաւին իրենց ամբողջութեամբը, ժամանակին պահանջած թեթեւ նորոգութիւններով բարւոքած: Կարապետի պատրիարքութիւնը այլեւս շատ չերկարեցաւ, եւ ութը տարուան բաւական աղմկեալ պաշտօնավարութենէ ետքը, այն ալ ստիպուեցաւ հրաժարիլ, եւ 1831 սեպտեմբեր 4-ին հրաժարականը ներկայեց եւ ընդունուեցաւ, եւ իրեն յաջորդ ընտրուեցաւ Ստեփանոս Զաքարեան, աւելի ծանօթ Աղաւնի մականունովը, Արմաշու եւ Նիկոմիդիոյ առաջնորդը:

2439. ԱՐՄԱՇԻ ՎԱՆՔԸ

Արմաշու վրայ չխօսեցանք Բարթողիմէոս Կապուտիկեան առաջնորդի մահուանէն, եւ Պօղոս Գարագօչեանի անուանումէ ետքը 2325): Պօղոսի վիճակեցաւ Արմաշու աւերակներուն վրայ պաշտօնի կոչուիլ, երբ դիւրին ալ չէր վերաշինութեան հրաման ստանալ եւ կարեւոր միջոցները ճարել: Գարագօչեան 1810-ին Արմաշ փոխադրուած, 1811-ին Պրուսայի առաջնորդութիւնն ալ միացուց Կարապետ Եւդոկիացիի մեկնելէն ետքը, եւ մինչեւ 1820 թէ կրկին վիճակները հովուեց, եւ թէ վանքին վերաշինութեան հետամուտ եղաւ: Արտօնութիւնը հազիւ թէ սոյն տարւոյ մարտին ստացաւ պաշտպանութեամբ նորընտիր եպարքոսին, որուն Նիկոմիդիոյ կառավարիչ եղած ատեն` այդ բարձր պաշտօնը բարեմաղթեր էր, եւ մարդը երախտագէտ զգացմամբ պահած էր սիրտին մէջ բարեմաղթանաց յիշատակը: Պէտքերը եւ ատաղձները հետզհետէ պատրաստած էր արտօնութիւն ստանալու ակնկալութեամբ, ուստի կրցաւ չորս ամսուան մէջ փայտաշէն եկեղեցին աւարտել, եւ վանքի շինութեան ալ ձեռնարկեց 1821-ին, եւ ուսումնարան ալ բացաւ: Գարագօչեանի շինած եկեղեցին ոչ եւս է, զի 1872-ին վերաշինուած է քարուկիր եւ հոյակապ: Շինութենէն ետքը չորս եւս տարիներ շարունակեց Գարագօչեան իր աշխատութիւնները Արմաշու վանքին զարգացման համար չմոռնալով իրեն հովուութեան յանձնուած կրկին վիճակները, որոնց մէջ բաւական բարեկարգութիւն հաստատեց: Ինքն շրջուն կեանք մը ունէր Արմաշ եւ Նիկոմիդիա եւ Պրուսա, բայց իրեն զօրաւոր օգնականներ ունէր իր ձեռնասուններէն, Պրուսա` Պետրոս Ծերոնեան եպիսկոպոսը, Նիկոմիդիա` Ստեփանոս Զաքարեան եպիսկոպոսը, որուն ինքն տուած էր Աղաւնի մականունը, եւ Արմաշ` Պօղոս Թաքթաքեան վարդապետը: Գարագօչեան 74 տարեկան վախճանեցաւ 1825 օգոստոս 6-ին Արմաշու մէջ, եւ Չարխափանի պատկերին առջեւ թաղուեցաւ, իսկ իր պաշտօնները բաժանաբար տրուեցան Ծերոնեանի Պրուսայի վրայ, եւ Աղաւնիի Արմաշու եւ Նիկոմիդիոյ վրայ: Աղաւնին Զմիւռնիա կը գտնուէր Գարագօչեանի մահուան ատեն իբր առաջին առաջնորդ Էջմիածնի տէրունի վիճակին Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան անցնելէն ետքը, ուր գացած էր 1823-ին, բայց յարմարագոյն անձը ճանչցուած էր վանական եւ ուսումնական ձեռնարկները զարգացնելու: Իրօք ալ յաջողեցաւ նա թէ' նիւթապէս եւ թէ' ուսումնապէս բարձրացնել Արմաշու մակարդակը. Գարագօչեանի օրէն մնացած պարտքերը վճարելէն զատ, ի նորոյ շինեց փառաւոր առաջնորդարանը եւ միաբնութեան թաղը, ուսումնարանը եւ հիւրանոցները: Առաջին երկուքը դեռ կը մնան նոյնութեամբ, իսկ հիւրանոցներ եւ ուսումնարան 1888-ի հրդեհէն ետքը քարուկիր վերաշինուեցան: Աղաւնին Արմաշ հասած էր 1825 սեպտեմբերին եւ փառաւոր եւ արդիւնաւոր վանահայրութիւն ըրաւ Արմաշու վրայ եւ առաջնորդութիւն Նիկոմիդիոյ վրայ, վանական ուսումնարանին զարկ տուաւ Բերիացի Մուրատ Պօյաճեան վարժապետին ձեռամբ, որ ժամանակին լաւագոյն հայկաբանն ու լեզուագէտն էր (01. ՕՐԱ. 197): Իր շինարար համբաւն ու բարեկարգ վարչութիւնն եւ զարգացման փութաջանութիւնն էին, որ Կ. Պոլսոյ աւագանին յորդորեցին զինքն պատրիարքութեան կոչել 1831 սեպտեմբերին, զոր ընդունեց առանց իր պաշտօնները լքանելու. այլ Յակոբ Սինանեան վարդապետը տեղւոյն վրայ թողլով, եւ Պօղոս Թաքթաքեան վարդապետը միասին առնելով Կ. Պոլիս եկաւ եւ գործին գլուխ անցաւ:

2440. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԱՂԱՒՆԻ

Աղաւնիին անձն ու պաշտօնը տարբեր կերպերով գնահատուած է ժամանակակիցներէն, եւ մինչ ոմանք իբր գործունեայ եւ յաջողակ անձնաւորութիւն կը ներկայեն, ուրիշներ իբր անկար եւ ապիկար կը ջանան ցուցունել: Ինքն Պրուսացի էր, 1777-ին ծնած, 1787-ին Գարագօչեանի դպրոցին աշակերտած, Տէր Աբրահամեան Յովհաննէս սարկաւագի ուսուցչութեամբ, 1793-ին սարկաւագ, եւ 1798-ին աբեղայ, յետոյ վարդապետ ձեռնադրուած, եւ վերջապէս 1816 յունիս 25-ին եպիսկոպոսութեան բարձրացած էր Եփրեմի ձեռքով (01. ՕՐԱ. 196): Զգացումները եւ ուղղութիւնը բարեմիտ եւ բարեսէր, բնաւորութեամբ հեզահամբոյր եւ առաքինի, բռնութենէն կը խորշէր, խստութենէն կը զգուշանար, համեստ եւ չափաւոր սկզբունքներու կը հետեւէր, եւ այս էր որ ոմանց աչքին տկար եւ անձեռնհաս կ՚երեւար: Զարմանալի չէ ուրեմն, եթէ վանական եւ ուսումնական եւ առաջնորդական շրջանակի մէջ վաստկած համբաւը չկրցաւ արդարացնել պատրիարքական ընդարձակ եւ բազմակնճիռն եւ փոթորկեալ պաշտօնավարութեան մէջ: Այսուհանդերձ կրցաւ նա ութը տարիներ աթոռին վրայ մնալ, եւ որ եւսն է, անգամ մը հրաժարելէն եւ հեռանալէն ետքը նորէն թախանձանօք աթոռ հրաւիրուեցաւ, որ իր ուղղամտութեան եւ առաքինութեան լուսաւոր վկայականն էր: Իր առաջին պատրիարքութեան առաջին տարիները կը զուգադիպին Եփրեմ կաթողիկոսի վերջին տարիներուն, հետեւաբար յաջորդ շրջանին կը թողունք աւելի երկար գրել Աղաւնիին պաշտօնավարութեան վրայ: Արտաքին փորձանքներ եղան այդ առաջին տարիներու նշանակելի անցքերը: Վերջին ատեններ շատցեր էին Կ. Պոլսոյ հրդեհները, որոնք իրարու վրայ կը յաջորդէին, եւ պատահական արկածներ չըլլալը կը տեսնուէր: Զգուշաւոր հետազօտութիւններ երեւան բերին թէ տաճիկ կարդացողներէ դրդուած սրիկաներ էին, իբր զի հռչակ տարածուած էր թէ Եէնիչէրիներու դէմ եղած կարգադրութեանց նման 2425), իրենց դէմ ալ կարգադրութիւններ կը պատրաստուէին, գլխաւորապէս արփալք անունի ներքեւ վայելած հասոյթնին գրաւելու: Կառավարութիւնը ուրիշ միջոց չգտաւ, բայց եթէ ամէն գիշեր իւրաքանչիւր տունի վրայ վառած լապտեր մը, եւ դրան առջեւ տնեցի պահնորդ մը պահելու հրամանը արձակել: Երկու ամիս տեւեց այդ կարգադրութիւնը, այլ աւելի վերոյիշեալ հասոյթներուն ըստ առաջնոյն մնալու հրամանը սիրտերը հանդարտեցուց եւ հրդեհները վերջացան: Այդ միջոցին առաջին անգամ Կ. Պոլսոյ մէջ սկսաւ քօլերա կոչուած հնտախտին համաճարակը, որ հազարաւոր կեանքեր հնձեց, եւ չորս ամիսի չափ տեւելով դադրեցաւ, կամ լաւ եւս, դէպ Եւրոպա յառաջացաւ (ՊԷՐ. 240-241): Ներքին կեանքին մէջ կը յիշատակուի 1831 նոյեմբեր 13-ին Պալաթու աւագերէց Մելքոն եւ որդիները Պաղտասար եւ Ստեփան քահանաներուն եւ Գրիգոր վարդապետի մը աքսորուիլը վասն յիշատակել տալոյ ի պատարագի զՏաթեւացին (ՊԷՐ. 484): Դիպուածը անով միայն յիշատակելի դատեցինք, զի կը ցուցնէ թէ 1820 ապրիլ 2-ի միաբանական ժողովին զիջողական որոշումները 2371), դեռ զօրութիւն կը պահեն եւ գործադրութեան մէջ են եղեր, որ զանցառուները պատժապարտ կը համարուէին, եւ չպիտի կարենանք ճշդել թէ մինչեւ ե'րբ տեւեց այդ զիջողական ընթացքը, որուն այլեւս հետքն իսկ չի տեսնուիր:

2441. ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԳՈՐԾԵՐ

Նորէն պիտի դառնանք Երուսաղէմի գործերուն, զորս թողուցինք Պօղոսի պատրիարքութեան վերջը 2427), եւ դեռ ոչինչ պատմեցինք Կարապետի օրէն: Եօթ խորհրդականներէն երեքը հիւանդացած եւ ետ մնացած էին, եւ միւսները Դամասկոս կը սպասէին, եւ էին Եղիա եպիսկոպոս Եւդոկիացի, որ այս առթիւ նորէն միաբանութեան էր մտած եւ փոխանորդ ալ անուանուած, եւ Կիրակոս եպիսկոպոս Երուսաղէմացի, Դիոնեսիոս եպիսկոպոս Գարթալցի, եւ Յարութիւն վարդապետ Զմիւռնացի: Ասոնք վերջապէս որոշեցին ճամբանին շարունակել, եւ մտին խաղաղութեամբ յԵրուսաղէմ, եւ որքան կարելի էր խոնարհութիւն ցուցեալ, ընկալեալ եղեն ի պատրիարքէն եւ ի միաբանութենէ, եւ կոնդակը ներկայեցին պարունակեալ կանոնագիրով (ԱՍՏ. Բ. 376): Առաջին գործ եղաւ եօթը խորհրդականներու թիւը լրացնել, եւ ընտրուեցան Մկրտիչ եպիսկոպոս Մեղրիկ լուսարարապետ, Կարապետ եպիսկոպոս Եւդոկիացի դարպասընկալ եւ Յակոբ վարդապետ Մահալըճցի հանդերձապետ (ՍԱՒ. 1156): Մինչեւ այս կարգադրութեանց վերջանալը, արդէն Պօղոս Ադրիանուպոլսեցին հրաժարած էր Կ. Պոլսոյ պատրիարքութենէն, եւ հոկտեմբեր 27-ին Կարապետ Պալաթցին անոր յաջորդած. սա ալ Երուսաղէմի միաբան: Որչափ ալ Երուսաղէմի միաբաններուն Կ. Պոլսոյ աթոռին վրայ գտնուիլը նպաստաւոր կ՚ենթադրուէր, եւ շատ անգամ իրօք ալ օգտակար կ՚ըլլար Երուսաղէմին, սակայն միւս կողմէն անձերուն եւ պարագաներուն ներքին գիտակցութիւննին, եւ նախընթացաբար ունեցած եւ շարունակաբար մշակած յարաբերութիւններնին առիթ կու տային անոնց` աթոռին եւ միաբանութեան ներքինին միջամտելու, եւ ունեցած ընդհանուր իշխանութիւններնուն զօրութեամբ բացառիկ եւ սաստիկ կարգադրութիւններ ընելու, որոնք չենք վստահիր իբր անօրինակ եւ անօգտակար վճռել, բայց չենք ալ կրնար դժպհի հետեւանքները ծածկել: Խորհրդականաց բացառիկ լիազօրութիւնը, եւ անոնց ձեռքը յանձնուած կանոնագիրը, եւ խորհրդականաց եւ պաշտօնակալաց անուանումներուն ուղղակի Կ. Պոլիսէ կատարուած ըլլալը, կարողագոյն միաբաններուն յառաջ կոչուելովն իսկ, չարտադրեցին ինչ որ եւ ինչ չափ որ կ՚ենթադրուէր ու կը սպասուէր:

2442. ԿԱՐԳԱԹՈՂ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐ

Եօթն լիազօր խորհրդականներու թիւին մէջ չէր առնուած Յակոբ եպիսկոպոս Աքշէհիրցին, զոր քանիցս յիշեցինք, եւ ժիր եւ արդիւնաւոր գործունէութեան մէջ ալ տեսանք սաղիմական խնդիրներու կարգին: Տեսակ մը հնախօսական ըմբռնմամբ Լիւստրացի մականունը առած էր նա, թէպէտ նոյն Աքշէհիր Իկոնիոնի կամ Գօնիայի հիւսիս արեւմտեան կողմն է, մինչ հինն Լիւսարա հարաւ արեւելքն էր, զոր ոմանք Լաթիկի եւ ուրիշներ Քատընսէրայի հետ կը նոյնացնեն: Հակառակ սաղիմական մեծ խնդիրին մէջ տուած աշխատութեանց Յակոբ եւ Դիոնեսիոս պատասխանատու կը նկատուէին Ս. Յարութեան եւ Ս. Ծննդեան տաճարներուն մէջ Հայոց ունեցած կորուստներուն 2419), եւ իբր Յոյներէ կաշառեալ կ՚ամբաստանուէին 2417): Այդ էր թերեւս Յակոբի ետեւ ձգուելուն պատճառը, կամ անյողդողդ բարուք ճանչցուած ըլլալը (ՍԱՒ. 1152), կամ վերջին անգամ Պօղոսի ծառայել ուզած չըլլալը 2427), կամ Եղիայի շնորհ գտնելէն ցաւիլը, եւ կամ թէ այս ամէն պարագաներու խառնուրդը, վերջապէս միտքը կը դնէ Երուսաղէմէ բաժնուիլ, եւ 1823-ի վերջերը, զհետ երթայ Պօղոս վարդապետի ուրումն այն ինչ դարձելոյ ի Հռոմայ, եւ ընդունի զկրօնս նորին (ՍԱՒ. 1152), որ կաթոլիկութեան յարիլ ըսել կ՚ըլլայ: Բայց կ՚երեւի թէ այդ վիճակն ալ զինքն չի գոհացներ, որ կը յարի ի կրօնս զոր սահմանեալ էր Լուտեր Մարտինոս (ԱՍՏ. Բ. 395), որ է բողոքականութիւն, եւ այդ կրօնքին տուած ազատութեամբ կ՚ամուսնանայ ալ: Յակոբի օրինակը կը գրգռէ Դիոնեսիոս Կարապետեան եպիսկոպոսը Կ. Պոլսոյ Գարթալ գիւղէն, որուն մանաւանդ ծանր եկած էր Եղիայի փոխանորդութեան անցնիլը, այն որ աթոռին վնասակար ըլլալու չափ յառաջացան էր, մինչ ինքն աթոռին պաշտպանն ու արդիւնաւոր պաշտօնակալն էր եղած, եւ թէպէտ խորհրդականներու մէջ էր, բայց ատենադպրութիւնն իսկ իրեն չէին տուած, այլ Կիրակոսին յանձնած: Ուստի տեսնալով զինքն զրկեալ ի փառաց եւ ի պատուոյ, մտածեց զրկել զաշխարհ, եւ 1824 փետրուար 28-ին, իբր խորհրդական հասնելէ մի քանի ամիս ետքը, Կ. Պոլիս երթալու պատրուակով, Երուսաղէմէ մեկնեցաւ, եւ դէպուղիղ գնաց Սիդոն կամ Սայտա, ուր կը գտնուէր Լիւստրացին եւ ըստ ամենայնի անոր ընկերակցեցաւ (ՍԱՒ. 1157), եւ միասին մեկնեցան Վերիտոն կամ Պէյրութ իրենց նոր գիրք մը ճարելու համար: Յաջորդ 1825 տարւոյ սկիզբը, յունուար 8-ին երրորդ մըն ալ կ՚աւելնայ նախընթացներուն, Յակոբ վարդապետ Պօլուցի (ՍԱՒ. 1159), որ նոր դարձած էր Էջմիածինէ, ուր գացած էր եպիսկոպոսութեան ձեռնադրութիւն ընդունելու (ՍԱՒ. 1153): Կ. Պոլսոյ վրայէն դարձած ատենը, նուիրակութեան ատեն հաւաքած ընծաներուն մէկ մասը Կիպրոս թողած էր ուստի Երուսաղէմէ Վերիտոն անցնելէն եւ միւս երկուքին միանալէն ետքը Կիպրոս կը վերադառնայ նուէրները իւրացնելու, բայց աթոռին գործակալէն ընդդիմութեան կը հանդիպի եւ ունայնաձեռն կը դառնայ (ԱՍՏ. Բ. 399):

2443. ԱՍՈՆՑ ՄԱՍԻՆ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆ

Երեք եպիսկոպոսներուն վանք եւ աստիճան եւ կոչում եւ կրօնք թողլով, իրարու ետեւէն միաբանութենէն հեռանալը բաւական նշանակելի կէտ մըն է, զոր առանց խորհրդածութեան թողուլ հնար չէ: Մանաւանդ որ երեքն ալ աննշան անձեր չէին, եւ մեր պատմական անցքերուն մէջ ալ կարեւոր դեր վարող եւ արդիւնաւոր աշխատողներ երեւցան արդէն Լիւստրացին եւ Գարթալցին, եւ անպիտան մէկն ալ չէր Պօլուցին, Գաբրիէլ պատրիարքի աշակերտ եւ նուիրակութեանց ու ներքին պաշտօններու մէջ գործածուած միաբան մը: Իբրեւ դրդիչ պատճառ յառաջ բերուած պարագաներէն, խնդիրներու մէջ Յոյներէ շահուած կամ գումարներ իւրացուցած ըլլալուն ամբաստանութիւնը, բաւական պատճառ մը հնար չէ նկատել, զի մանաւանդ արդարացումէ զուրկ եւ ջատագովութենէ խուսափող ըլլալնին կը հաստատէ: Աւելի կամ պակաս պաշտօն ունենալնին, եւ մէկին կամ միւսին իրենց նախատուիլը ամէն մարմիններու եւ ամէն միաբանութիւններու մէջ յաճախ հանդիպող պարագաներ են, որ եթէ հաւատք եւ կոչում ուրանալու փաստ ըլլար, շատ ընդարձակ կը դառնար անոր հետեւանքը: Երուսաղէմի պատմագիրներն ալ մանրամասնեալ եւ համոզիչ պատճառներ չեն ցուցներ, եւ որ արդէն մեկնեալ էր յաթոռոյն (ԱՍՏ. Բ. 395), կամ խորհեցաւ թողուլ զհոգեւորական կեանս եւ գրկել զաշխարհ (ՍԱՒ. 1156), կամ գրաւեալ լինէր ի սէր աշխարհի (ՍԱՒ. 1151) բացատրութիւնները ուրիշ բան չեն կրնար յայտնել, բայց եթէ անոնց կանուխէն աշխարհով զբաղած եւ աշխարհի սիրով վառուած ըլլալնին ցուցնել, որով սկսած էին ծանր զգալ իրենց կոչումը, եպիսկոպոսութեան բարձրանալէն ետքն ալ: Այս հետեւութիւնը կ՚արդարանայ մանաւանդ, երբոր մէկուն համար գրուի, թէ Երուսաղէմացիի մը հետ ամուսնացաւ, ընդ որում ունէր ասեն եւ կանխաւ յարաբերութիւնս (ՍԱՒ. 1157), եւ միւսին համար կը վկայուի թէ էր այր ցոփ վարուք (ՍԱՒ. 1159), որով աւելորդ կը դառնան խօսուած ըլլալու կամ յետադասուած ըլլալու պատճառանքները: Վերիտոն գացին ըսինք իրենց դիրք մը ճարելու, եւ յաջողեցան ալ` Լիւստրացին Նէապոլսոյ թագաւորութեան, եւ Գարթալցին անգղիական ինքնակալութեան հիւպատոսական գործակալներ (agent consulaire) անուանուիլ Սիդոնի մէջ, թէպէտ Գարթալցին ի գործակալութեան ոչ եկաց առաւել քան զամիսս ինչ (ՍԱՒ. 1158), եւ Լիւստրացին ալ շատ երկար մնացած չի կարծուիր: Բայց դիտելի է իրենց ի նպաստ, թէ Երուսաղէմէ բաժնուելով Երուսաղէմի դէմ թշնամական կամ զրպարտական քայլ մը չառին, ի բաց առեալ իրենց հին պահանջները գանձելու համար վերջին տարիներ կատարած ստիպումները: Մանաւանդ թէ զղջումի զգացումներով ալ շարունակեցին նամակներ գրել իրենց մտերիմ միաբանակիցներուն, միայն թէ չկրցան մտած ճամբաներնէն ետ դառնալ, թէպէտ հրաւէրներ ալ ստացան, գլխաւորապէս Դիոնեսիոս այրիանալէն ետքը, իսկ Լիւստրացին ամուսինէն առաջ մեռաւ 1845 հոկտեմբեր 26-ին (ՍԱՒ. 1159): Դիոնեսիոսի նամակներուն քանի մը բացատրութիւնները, թէ ուզեց ազատ մնալ ի թօփուզէ ազգին եւ ի նենգապատիր խարդախանաց սուտ եղբարց (ԱՍՏ. Բ. 398), եւ հարցնելը միթէ ես միայն էի թշնամի Գաբրիէլ պատրիարքին (ԱՍՏ. Բ. 398), եւ թէ ինձ արարի եւ ոչ այլոց զոր արարի (ՍԱՒ. 1158), եւ թէ եղեւ որ ինչ եղեւն, այլ տացէ պատասխանի նա որ արարն, շփոթած միտքի եւ ցաւած սիրտի արտայայտութիւններ են, որչափ ալ յստակ կերպով եղելութեանց վրայ լոյս չեն սփռեր:

2444. ՊԱՐՏՔԵՐՈՒ ՏԱԳՆԱՊԸ

Երեք եպիսկոպոսներու կարգաթողութիւնը իրարմէ կարճ ընդհատումներով, չէր կրնար չցնցել բոլոր միաբանները, միայն թէ իրենց վրայ կը ծանրանար շատ աւելի մեծ տագնապ մը, դրամական անձկութիւնը եւ դարմանի անհնարութիւնը: Հինէն, այսինքն մեծ խնդիրին կարգադրութեան ժամանակէն եղած պարտքերը կը մնային, ծանր տոկոսներով տարապայման կ՚աճէին, առօրէայ պէտքերը շարունակ կը բարդուէին, Լատիններու կողմէ Բեթղեհէմի մէջ յուզուած խնդիրները անպակաս էին, իրարու յաջորդող Երուսաղէմի կառավարիչներ, Սիդոնի բդեշխներ, Դամասկոսի կուսակալներ, եւ ոստիկանական աստիճանաւորներ, շատ մը անուններով գումարներ կը պահանջէին ծանր սպառնալիքներով, մինչեւ իսկ վանքը քակելու ահարկութեամբ, ինչպէս որ Ս. Փրկչի վանքին պարիսպէն քարեր վերցնել սկսած էին: Խորհրդականներէն գործի վրայ կը գտնուէին, Մկրտիչ, Եղիա, Կարապետ եւ Կիրակոս եպիսկոպոսներ եւ Մահալըճցի Յակոբ եւ Զմիւռնացի Յարութիւն վարդապետներ, բայց Կ. Պոլիս գրելէ եւ ամէն բան մի առ մի պատմելէ զատ ուրիշ միջոց չունէին ձեռուընին: Գաբրիէլ պատրիարք նուիրակներ կը շատցնէր եւ հետզհետէ կը յղէր Զմիւռնիա, Պանտրմա, Կիլիկիա, Ռուսաստան, Հնդկաստան, Սասուն, Ամիդ, Ամասիա, Եգիպտոս, սակայն երկրին վիճակն ալ տագնապալից էր եւ արդիւնք չէր գոյանար: Յուսահատութեան վիճակը տիրած էր, ոչ միայն Երուսաղէմ, այլ եւ Կ. Պոլիս, որովհետեւ մայրաքաղաքն ալ դժուարութեանց եւ նեղութեանց մատնուած էր: Միանգամայն ծանր գանգատներ կը հասնէին Երուսաղէմէ Գաբրիէլ պատրիարքի անկար եւ անհոգ վիճակին վրայ, եւ ոչ իսկ հոգածութեան շարժում մը կը տեսնուէր: Կարապետ պատրիարք եւ աւագանին քանիցս խորհրդակցութեան հաւաքուեցան, դուրսէն նպաստելու եւ օգնելու հնար մը չգտան, եւ թէպէտ պատմիչը կ՚ըսէ թէ փարթամութիւն ամիրայիցն եւ սեղանաւորաց զանց արար զնովաւ (ՍԱՒ. 1160), սակայն շատ կը թեթեւնայ այդ դատաստանը, երբոր նկատի առնուին ընդհանուր տագնապը եւ Երուսաղէմի պէտքին մեծութիւնը: Իբրեւ միակ միջոց խորհեցան զսուրբ աթոռն տալ փրկանս ընդ անձին իւրոյ, այսինքն եկեղեցւոյ արժէքաւոր բայց նուազ կարեւոր զարդերն ու սպասները ու կարասիները վաճառել, միաբաններու անհատական ստացութիւնները գրաւել, եւ վանքէն ալ ինչ որ հնար էր արդիւնքի վերածել, եւ այսպէս աթոռը աթոռով, վանքը վանքով, եկեղեցին եկեղեցիով չքանալու վտանգէն ազատել, եւ փառքը նուազելով գոյութիւնը ապահովել:

2445. ԾՌԱԶԱՏԻԿԻ ԴԱԴԱՐՈՒՄԸ

Այդ նեղ պարագաներու մէջ, որ Երուսաղէմի աթոռը պարտքերու տագնապին ներքեւ կը հեծէր, Կ. Պոլսոյ աթոռը միաբանական խնդիրներու ձախող հետեւանքներէն դեռ չէր ազատած 2428), եւ Եէնիչէրիներու շփոթութիւնները կը տիրէին 2425), Էջմիածնի մայրաթոռն ալ Եփրեմի հեռանալովը անկերպարան վիճակ մը առած էր 2384), կարեւոր գործ մը կատարուեցաւ, զոր անյիշատակ թողուլ չենք կրնար: Քանիցս առիթ ունեցած ենք յիշել ծռազատիկի խնդիրներ   (§Ճ 383, 804, 909, 1053, 1191, 1361, 1546, 1671, 1959), որոնք մինչեւ իսկ սպանութեանց եւ արիւնահեղութեանց առիթ տուած են: Խնդիրը, ինչպէս իր տեղ բացատրած ենք 383) կը հիմնուի 532 տարիներու հինգհարիւրեակին մէջ չորս անգամ Էասեան եւ Իրիոնեան տոմարներուն իրարմէ տարբերելուն վրայ, այսինքն լուսնոյ լրումը կամ շաբաթ օրուան վերջին ժամին կամ կիրակի օրուան առաջին ժամին մէջ դնելուն վրայ, որով Զատկի տօնը կամ շաբաթին անմիջապէս յաջորդող կիրակիին կամ կիրակիին յաջորդող դիմացի կիրակիին կը տօնուի: Իրիոնեան տոմարը առաջին հաշուոյն հետեւելով ապրիլ 6-ին կը դնէ զատիկը, մինչ Էասեան տոմարը, որուն Հայեր կը հետեւին, զատիկը ապրիլ 13-ին կը դնէ: Վերջին ծռազատիկը 1729-ին հանդիպած էր 1959), եւ 95 տարիներու հեռաւորութեամբ ծռազատիկը պիտի նորոգուէր 1824-ին, եւ ամէն ոք գրաւուած էր նոր շփոթներու երկիւղէն, եւ վախ կար որ ապրիլ 6 եւ 13 օրերը դժպհի եղելութեանց թատր դառնային մեծ կեդրոններուն մէջ: Վտանգին առջեւն առնելու ջանքերը կանուխէն սկսան, բայց մէկ եղանակ միայն կար զայն փարատելու, Հայոց համակերպիլը, զի ենթադրելի իսկ չէր որ ամբողջ որթոդոքսութիւնը, Յոյներով եւ Ռուսներով, Ռումէններով եւ Սլաւներով հրաժարէր իր տոմարէն: Կ. Պոլսոյ մէջ տոմարական հետազօտութիւնները յանձնուեցան Գէորգ Միւհէնտիսեանի, որ իր ժամանակին ամենէն հմուտ չափագէտն ու տոմարագէտն էր (01. ՕՐԱ. 195): Չենք գիտեր թէ Երուսաղէմ եւ Էջմիածին որո՞նց յանձնեցին այդ ուսումնասիրութիւնները. բայց վերջապէս կանուխէն եւ համեմատօրէն ձեռք առնուեցան պէտք եղած միջոցները, եւ 1824 յունուար 26-ին Առաջաւորաց Բարեկենդան հաշուուեցաւ փոխանակ փետրուար 2-ին թողլու, եւ ապրիլ 6-ին ալ Զատիկ տօնուեցաւ, Յունաց եւ Ռուսաց հետ, ինչպէս սովորաբար կը տօնուէր, եւ ծռազատիկի ոչ խօսքն եղաւ եւ ոչ խնդիր յուզուեցաւ: Անկէ ետքը տոմարական ցուցակներն ալ հինգհարիւրեակի շրջանին չորս ծռազատիկի տարիներուն Շ. տարեգիրը Հ. տարեգիրի փոխեցին, եւ այլեւս ծռազատիկի անունն իսկ մոռացութեան մատնուեցաւ: Թէպէտ եղելութիւնը կարեւոր եւ հետեւանքը ընդհանուր, սակայն կատարեալ յիշատակներ կը պակսին թէ ո՞վ եղաւ առաջին միտք արթնցնողը, ինչպէ՞ս կազմուեցաւ ազգային համամտութիւնը, ի՞նչ կերպով համաձայնեցան բոլոր աթոռները: Շփոթներուն կեդրոնը սովորաբար Երուսաղէմն էր, եւ լուսահանութեան արարողութիւնը կը կազմէր անոր առանցքը, բայց այս անգամ կնճիռը աւելի ծանր պիտի ըլլար Մայրաթոռին կողմը, եւ գայթակղութիւնը մեծ պիտի ըլլար, եթէ Ռուսներուն դիմող եւ ապաւինող Հայերը տարբեր օրով զատիկ տօնէին: Այս դիտողութիւնը մեզ կը յորդորէ այդ նախատեսութեան մէջ ալ Աշտարակեցի Ներսէսի նախահոգ զգուշաւորութիւնը նշմարել:

2446. ԳԱԲՐԻԷԼ ՀԵՌԱՑՈՒԱԾ

Երուսաղէմի պարտքերուն դառնալով, որչափ դիւրին եղաւ միջոց մը մտածել 2444), ընդհակառակն շատ դժուար երեւցաւ անոր գործադրութիւնը յանձնարարել: Երուսաղէմի միաբանութիւնը պաշտելութեան հասցնելու չափ փարած է իր ստացութեանց եւ իր եկեղեցական փառաւորութեանց, եւ դժուար թէ նա յանձն առնուր կեդրոնին խորհած միջոցը գործադրել: Գաբրիէլ պատրիարքի վրայ ալ վստահիլ հնար չէր, զի ուզելով ալ կարող պիտի չըլլար գործը գլուխ հանել, առ որ ոչ ազդեցութիւն ունէր եւ ոչ հնարամտութիւնը: Ամէնուն մտադրութիւնը դարձաւ Պօղոս Ադրիանուպոլսեցի նախորդ պատրիարքին վրայ, որ թէ Երուսաղէմի միաբան էր, եւ թէ իբր Երուսաղէմի փոխանորդ կարեւոր տեղեկութիւններն ունէր, եւ իբր ճարտար միտք, բուռն կամք եւ բարձր ազդեցութիւն ճանչցուած էր, եւ միաբանութեան կողմէն ալ յարգ ու վարկ ու համակրանք կը վայելէր, եւ Պօղոսը անուանեցին Ծայրագոյն կառավարիչ Երուսաղէմի, լիազօր պատուիրակութեամբ պատրիարքէն ալ բարձր: Երբոր գործը Պօղոսին առաջարկուեցաւ, նա պայման դրաւ պատրիարքը հեռացնել եւ գործէ դադրեցնել: Իրաւ էր որ Պօղոսի եւ Գաբրիէլի յարաբերութիւնները տաք չէին, հակառակ որ Գաբրիէլ Պօղոսով բարձրացած էր Թէոդորոսի փոխանորդութեան, անոր մահէն ետքը տեղապահութեան, եւ վերջէն պատրիարքական ընտրութեան իսկ: Վերջին պաղութեան պատճառը կը տրուի Գաբրիէլի գայթակղիլը եւ Պօղոսը կաթոլիկութեան հակամէտ նկատելը, մինչեւ իսկ նզովք խօսելու անոր դէմ Ս. Յակոբայ մայրտաճարին մէջ   (ՍԱՒ. 1161): Այս ցոյցերէն ետքը հնար չէր որ Պօղոս այլեւս Գաբրիէլի համակիր մնար: Այսու հանդերձ մենք պիտի չմեղադրենք Պօղոսը թէ իր առաջարկը խորհեցաւ նա յանճահս (ՍԱՊ. 1161), զի երկու անհամակիր եւ անհամաձայն գլուխներու դէմ դիմաց ներկայութիւնը յայտնապէս վնասակար պիտի ըլլար, եւ յոյս ալ չկար, որ Գաբրիէլ Պօղոսի գործակից դառնար, եւ դառնալով ալ ոյժ մը պիտի չըլլար: Ուստի Կարապետ պատրիարք եւ աւագանւոյ ժողովը շուտով համակերպեցան Պօղոսի դրած պայմանին եւ բարձրագոյն դուռնէն հրովարտակ առնուեցաւ Գաբրիէլի հեռացման, եւ յանձնարարականներ Դամասկոսի կուսակալին եւ Երուսաղէմի կառավարիչին գործը դիւրացնելու, եւ Ահմէտ աղա ոստիկան մըն ալ Գաբրիէլի առաջնորդելու: Կարապետ պատրիարքի կողմէն ալ կոնդակ ուղղուեցաւ միաբանութեան, որուն մէջ Գաբրիէլի Կ. Պոլիս կոչուելուն պատճառը կը ցուցուի, խորհել ի միասին գտանել զհնարս դիւրութեան եւ յազատութիւն պարտուց (ԱՍՏ. Բ. 391), եւ վստահութիւն կը տրուի թէ գալ նորին ոչ է հրաժարիլ յիշխանութենէ (ԱՍՏ. Բ. 393), եւ ընդունելով ալ թէ հրաւէրս տարօրինակ է եւ չէ պատահեալ ցարդ, կը յայտարարէ թէ եղանակն ստիպեաց առնել արտաքոյ օրինաց, նկատելով Երուսաղէմի կործանման վտանգը (ԱՍՏ. Բ. 391), եւ կը վերջացնէ թէ քիչ օրէն ունին առաքել զնախկին պատրիարք Պօղոս եւ ծերունազարդ Մարկոս արքեպիսկոպոսունս ի սուրբ աթոռն, մինչեւ դարձցի պատրիարքն (ԱՍՏ. Բ. 392):

2447. ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ԿԱՌԱՎԱՐԻՉ

Կոնդակը գրուած էր 1824 յունիս 23-ին, որ յանձնուեցաւ Ադրիանուպոլսեցի Մկրտիչ վարդապետին, որպէսզի Ահմէտ ոստիկանին հետ Երուսաղէմ տանի եւ գործադրութեան հսկէ: Պետական պաշտօնագիրներէն զատ պատրիարքական գիրեր ալ գրուեցան Գաբրիէլի եւ խորհրդականներուն, պարտ ու պատշաճ յորդորներով եւ հրահանգներով, եւ այսպէս վարդապետն ու ոստիկանը մեկնեցան եւ օգոստոս 9-ին Երուսաղէմ հասան, եւ նոյն օրը կառավարչութեան դուռը կոչեցին պատրիարքն ու խորհրդականները ու երիցագոյն միաբանները: Հրովարտակը կարգացուեցաւ եւ Գաբրիէլ յանձնառու եղաւ համակերպիլ, պատրաստութիւնները լրացուց, կնիք եւ բանալիք խորհրդականներուն յանձնեց, եւ իր ձեռնասուն Դաւիթ վարդապետի եւ սպասաւորի մը, եւ Մկրտիչ վարդապետին եւ ոստիկանին ընկերակցութեամբ ճամբայ ելաւ օգոստոս 19-ին, դէպ ուղիղ Կ. Պոլիս: Կարծուածէն շատ աւելի դիւրութեամբ եւ խաղաղութեամբ լրացաւ այդ առաջին քայլը, միաբանութիւնը Գաբրիէլէ դժգոհ, խնդութեամբ լսեց Պօղոսի գալը. եւ Գաբրիէլ գործէն դժգոհ` գոհունակութեամբ ընդունեցաւ պատասխանատուութենէ ազատուիլը: Նշանակութեան արժանի է Գաբրիէլի մեկնելէն ետքը Յակոբ եւ Յարութիւն վարդապետներուն խորհրդականաց ժողովէն հեռացուիլը իբր կուսակիցք Գաբրիէլի (ՍԱՒ. 1162): Պօղոս ալ շատ չուշացուց իր ուղեւորութիւնը, եւ պատգամաւորներուն մեկնելէն իբր ամիս մը ետքը ինքն ալ ցամաքի ճամբով մեկնեցաւ, ինչպէս կու գար եւ Գաբրիէլ, եւ իրարու ալ հանդիպեցան Քուրտպուլաք օթեւանը, Մսիսի եւ Փայասի մէջտեղը (ՍԱՒ. 1162): Պօղոս միայն կու գար ուխտաւորներու հետ, ուզելով նախապէս դիտել, քննել եւ զննել, եւ այնպէս գործի ձեռնարկել: Երուսաղէմ մտաւ նոյեմբեր 4-ին, երեքշաբթի օր, եւ սկսաւ մեղմօրէն եւ առանձնակի միաբաններուն ականջը դնել իրեն գալուն նպատակը եւ իրեն տրուած պաշտօնը (ԱՍՏ. Բ. 393), իսկ նոյեմբեր 16-ին, յիսնակաց բարեկենդանի կիրակին, միաբանական ժողով գումարեց մայրտաճարին մէջ, եւ հոն հրապարակաւ յորդոր կարդաց աթոռն ու միաբանութիւնը կործանումէ ազատելու աշխատիլ, եւ բարոյապէս եւ նիւթապէս ամէն զոհողութիւն յանձն առնուլ: Որչափ ալ, կ՚ըսէր, չիք ի ձեռին իմում իշխանութիւն, եւ չեմ եկեալ տիրաբար, սակայն պարտք ունիմ ամէն բան Կ. Պոլիս հաղորդել, եւ այն որ զօրութեամբ վարուեցաւ պատրիարքին հանդէպ, ոչ թողուցու անպատիժ զանհնազանդս: Պօղոսի խօսքերը իրենց ազդեցութիւնը ըրին, եւ ամէն կողմէն իրեն գործակցելու յայտարարութիւնները կրկնուեցան (ՍԱՒ. 1163): Արտաքին օգնութեանց դիմելու միջոցը գործածելու եւ միաբանութիւնը քաջալերելու նպատակով, որոշեց Եգիպտոս երթալ անձամբ եւ չեւ ճամբայ ելած ներքին բարեկարգութեան կանոններ ալ դրաւ. օրինակ իմն, զգեստներու պարզութիւն, սենեակներու մէջ չխմբուելու համար ընդարձակ բազմոց չունենալ, ամէնուն անխտիր հասարակաց սեղանատան մէջ ճաշել, գինի եւ օղի պատրաստելու գործարանը փակել, նուիրակներու եւ նուէրներու աւելորդ ծախքերը դադրեցնել, ժառանգաւորաց վարժարան բանալ հեռի ի վանաց, եւ այլն: Այդ ամէնուն հոգը չորս խորհրդական եպիսկոպոսներուն յանձնելով եւ իւրաքանչիւրն ալ մասնաւոր խորհրդակցութեամբ հրահանգելով, դեկտեմբեր 14-ին մեկնեցաւ Եգիպտոս, առաջին անգամ այնտեղէն հանգանակութիւն կամ փոխառութիւն փորձելու համար (ՍԱՒ. 1163-1165): Պօղոս ուղեկից առաւ Մուրատ Զմիւռնացին, որ ազդեցիկ դեր ստացած էր վանքին վրայ Գաբրիէլի տկարամտութենէն օգտուելով, եւ Պօղոս օգտակար կը դատէր զայն հեռացնել: Իսկ նա Գահիրէի մէջ բնիկ Զմիւռնացի Եուսուֆեան Պօղոս պէյի ազդեցութեամբ կը յաջողէր Նէապոլսոյ եւ Սարտենիոյ իտալական թագաւորութեանց հիւպատոսական գործակալութիւնը ձեռք անցունել Յոպպէի վրայ, ուր եւ եկաւ եւ հաստատուեցաւ, միշտ Երուսաղէմի աթոռին հետ, յոմանց քննադատեալ եւ յոմանց գնահատեալ յարաբերութեանց մէջ:

2448. ՔԵԲՐՈՆԻ ՓԱԽՈՒՍՏԸ

Նախ գահակալ պատրիարքին, եւ ետեւէն ծայրագոյն կառավարիչին մեկնիլը պարտատէրները կասկածի մատնեց իրենց առնելիքներուն մասին, եւ պարգեւներու ակնկալող պաշտօնեաները գրգռեց բռնութեամբ ապահովել պահանջնին, եւ այսպէս նոր փոթորիկ մըն ալ սկսաւ վանական վարչութեան վրայ, որ բոլորովին կը ծանրանար չորս խորհրդական եպիսկոպոսներուն վրայ 2444): Իբր փոթորիկի լրում Երուսաղէմ կը հասնէր Դամասկոսի կուսակալը լաւ հունձք մը հնձելու միտքով: Յոյներէն եւ Լատիններէն եւ Հրեաներէն սկսաւ, օրինազանցութեանց պատրուակներ առաջ բերելով, եւ շնչասպառ գանակոծութեան եւ շղթայակապ բանտարկութեան միջոցներն ալ գործածելով: Երբոր կարգը Հայերուն եկաւ զանազան տուրքերու եւ պարգեւներու անուններ առջեւ դրուեցան, ուպուտիյէ հպատակութեան տուրքը, իքրամիյէ` պատւոյ տուրք, ավայիտ` բացէն տուրք, ծխախոտի դրամ, հետեւորդներու ծախք, պաշտօնեաներու նուէր, որդւոյն ընծայ, ոստիկաններու պարգեւ, մինչ վանքը իր օրապահիկին կարօտ էր: Պահ մը բանտարկուեցան, սպառնալիքներ լսեցին, ազատելով պահուըտեցան, բայց այն ատեն ալ ոստիկաններ դուռեր կը կոտրէին, սենեակներ կը մտնէին, կը գանակոծէին, կը յափշտակէին: Ազատուելու համար ժողովեցին ինչ որ եւ ուր որ գտան, դրամներէ զատ 42 հազար տրամ, այսինքն 105 քաշ ձոյլ արծաթ տուին շատ մը զարդեր եւ սպասներ ոչնչացնելով: Հազիւ թէ կուսակալը հեռացաւ, Երուսաղէմի կառավարիչն ելաւ անոր գործը շարունակել: Վերջին յուսահատութեան մէջ խորհրդականներ` անօրինակ մանաւանդ թէ տարօրինակ որոշում մը առին: Ուխտաւորներուն մնացորդները ճամբայ հանեցին, 25 վարդապետներ ցրուեցին երթալ ուր որ ուզեն, հասարակ միաբաններէն մէկ մաս Ռամլէ եւ Յոպպէ ղրկեցին, մնացեալները ազատ արձակեցին, սպաս եւ զարդ մայրտաճարի գանձատունը փակեցին եւ դուռը հիւսեցին անյայտացնելու կերպով, ժամօրհնող Իսահակ վարդապետը քանի մը միաբաններով եւ առձեռն պարէնով ու պէտքերով պահապան թողուցին, ու հրամայեցին այլեւս բնաւ վանքին դուռը չբանալ, եւ իրենք չորս խորհրդականներ, Մկրտիչ, Եղիա, Կարապետ եւ Կիրակոս եպիսկոպոսներ, 1825 ապրիլ 11-ին, աշխարհամատրան նախընթաց շաբաթ օրուան առտուն կանուխ եւ լռելեայն ուղեւորեցան Քեբրոն, այժմ Խալիլռահման, եւ ապաւինեցան տեղւոյն մեծ շէյխին տունը, որ զիրենք սիրով հիւրընկալեց: Մտադիր էին անկէ ալ Եգիպտոս անցնիլ, եւ հոն մնալ մինչեւ հասցէ օգնութիւն: Ընդարձակ նամակ մըն ալ գրեցին Քեբրոնէ Կարապետ պատրիարքին, ամէն անցուդարձերը, կուսակալին բռնութիւնները, պարտատեարց ստիպումները եւ իրենց կացութիւնը պատմելով, եւ պատասխանը Եգիպտոս յղել խնդրելով: Այս նամակին պարունակութիւնը Կարապետ պատրիարք հաղորդած է կայսերական կառավարութեան:

2449. ՆԵՐՔԻՆ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Վանքին պարպուիլը եւ խորհրդականներուն մեկնիլը, զարմանք եւ վիշտ, ցաւ եւ զայրոյթ միանգամայն պատճառեցին Երուսաղէմի կառավարիչին եւ այլազգի բնակիչներուն: Վանքին տաճիկ բարապանը կը բանտարկեն որ կանուխէն լուր չէ տւած, զինուորներ կը ղրկեն դարձնելու, բայց ետեւէն չեն հասնիր, հրաւիրակներ կը ղրկեն, բայց նոյնիսկ շէյխը չի հաւանիր որ մեկնին, մինչեւ որ դատաւորն ինք կ՚երթայ, եւ երդմամբ կը խոստանայ պարտատէրները լռեցնել, բան մը չպահանջել, ոչ ընծայ եւ ոչ տուրք, մինչեւ որ ուխտաւորներ գան կամ օգնութիւն ստանան: Երբ Եղիա եպիսկոպոս խստիւ կը պատասխանէ, զայն ալ սպառնալիքով կը լռեցնէ, եւ վերջապէս խորհրդականները կը տեսնան, որ ուրիշ կերպ պիտի չկարենան գործել, հաւանութիւն կը յայտնեն եւ ապրիլ 18-ին, այսինքն միւս շաբաթ օրը վանք կը դառնան, Խալիլռահմանի շէյխն ալ միասին, իբր երաշխաւոր եւ հովանաւոր: Դառնալնուն Պօղոսէ նամակ մը կը ստանան, որ Աղէքսանդրիայէ կացութիւննին կը հարցնէր, եւ միայն քանի մը օր եւս համբերելու եւ տոկալու յորդոր կը գրէր: Հակառակ երդմնակուռ խոստումներուն, վանական մատակարարութիւնը հանդարտութիւն չգտաւ, զի պարտատէրներու պահանջումները եւ պաշտօնակալներու բռնադատութիւնները շարունակեցին ինչպէս առաջ, Քեբրոնի շէյխին միջնորդութիւններն ալ հետեւանք չունեցան: Անգամ մըն ալ Երուսաղէմէ խոյս տալու եւ վանքին դուռները փակելու խորհուրդը սկսաւ զօրանալ, բայց այս անգամ ալ Կարապետ պատրիարքի յուսադիր գրութիւնը յորդորեց տարօրինակ խորհուրդէն ետ կենալ: Երբոր կը տեսնեն որ յաջողութիւնը չի ժպտիր, խորհրդակցութեամբ գործողներն ալ կը սկսին զիրար մեղադրել եւ գժտութիւնը կը զօրանայ խորհրդականներուն միջեւ, գլխաւորաբար Եղիա եպիսկոպոսին դէմ, որ իբր փոխանորդ գլխաւորութիւն կը վարէր, բայց բուռն եւ յախուռն խօսքերով եւ գործերով յաճախ դժուարութիւններ կը ստեղծէր: Չորսերուն մէջ խոհականագոյն կը նկատուէր Կիրակոս եպիսկոպոս, որ կերպով մը ընկերները համոզեց Կ. Պոլիս երթալ եւ բերանացի ամէն բան Կարապետ պատրիարքի եւ աւագանիին հաղորդել, ինչ որ դժուար կ՚ըլլար գրով իմացնել, եւ այս նպատակով Երուսաղէմէ մեկնեցաւ 1825 մայիսին: Բայց Կ. Պոլիս ալ չմնաց, զի Պօղոս զայն յղեց Եգիպտոսի առաջնորդութեան, որ Երուսաղէմի վիճակ էր, հոգ տանիլ այնտեղ թէ վիճակին բարեկարգութեան եւ թէ Երուսաղէմի շահերուն: Իսկ ինքն Պօղոս Եգիպտոսի մէջ մեծ յաջողութիւն չէր գտած, եւ Կ. Պոլիս եկած էր ազգին հետ կրկին խորհրդակցելու եւ վերջնական որոշումները տալու: Այս առթիւ Երուսաղէմի փոխանորդ Յարութիւն Եդեսացի վարդապետն ալ Զմիւռնիոյ առաջնորդութեան յղուեցաւ, եւ փոխանորդութիւնը յանձնուեցաւ Զաքարիա Կոփեցի վարդապետի (ԱՍՏ. Բ. 404), իրեն օգնական ունենալով Յովհաննէս Զմիւռնացի վարդապետը (ՍԱՒ. 1176):

2450. ԶԱՆԱԶԱՆ ՏԱԳՆԱՊՆԵՐ

Պօղոս Երուսաղէմէ մեկնած էր 1824 դեկտեմբեր 14-ին 2447), եւ միայն 1828 դեկտեմբեր 3-ին կը տեսնենք զայն Երուսաղէմ դարձած (ԱՍՏ. Բ. 430), չորս տարուան բացակայութենէ ետքը: Մեր նպատակէն եւ ծրագիրէն օտար կը սեպենք այդ միջոցին տեղի ունեցած անցքերը մանրամասնօրէն պատմել, զորս խնամով հաւաքած է Երուսաղէմի պատմագիրը (ԱՍՏ. Բ. 399-431): Այդ անցքերուն նմոյշը արդէն տուած եղանք 2448-2449), եւ բաւական ըլլայ ըսել թէ անոնց շարունակութիւնն էր, որ բոլոր քառամեային մէջ կը տեւէր: Աթոռը բոլորովին անգլուխ, առանց իր պատրիարքին եւ առանց ծայրագոյն կառավարիչին, խորհրդականները որ խմբովին վարիչներ էին` իրենց մէջ պառակտած, միաբաններ աղիկամի ապրելու եւ գործելու համարձակութիւն գտած, տխուր վիճակի ենթարկած էին ներքինը, մինչ արտաքինը խղճալի էր պարտքերու եւ բռնութիւններու երեսէն: Ի լրումն դժբախտութեանց փոխանորդ Եղիա եպիսկոպոսն ալ այդ դժուարին կացութիւնը դարմանելու անձը չէր, մանաւանդ թէ զայն աւելի կը ծանրացնէր իր անկանոն եւ անխոհեմ ընթացքով: Քանիցս անոր դէմ գանգատագիրներ ուղղուեցան ամէն կողմէն, նոյնիսկ ընկերները Մկրտիչ եւ Կարապետ եպիսկոպոսներ գործերէ քաշուիլ ուզեցին Եղիայի երեսէն: Վերջապէս Կարապետ եւ Գաբրիէլ եւ Պօղոս պատրիարքներ համաձայնութեամբ որոշեցին Եղիան հեռացնել, եւ 1826 օգոստոս 11-ին իրեն հաղորդեցին թէ փոխանորդութենէ դադրած է, եւ պէտք է վանքէն ալ ելլէ եւ Կեսարիա կամ Եւդոկիա երթայ, բայց նա իր գործերը ամփոփելով հոկտեմբեր 21-ին մեկնեցաւ դէպ Եգիպտոս (ԱՍՏ. Բ. 412), եւ հազիւ ամիս մը մնալով այնտեղէն անցաւ Կ. Պոլիս: Իսկ Մկրտիչ եւ Կարապետ եպիսկոպոսներու խորհրդական ընկերներ ընտրուեցան Աբրահամ եւ Յակոբ վարդապետներ (ՍԱՒ. 1172), առաջինը Հնդկաց նուիրակ եւ երկրորդը Չանղըրըյին: Փոփոխութիւնը արմատական դարման մը չբերաւ կացութեան, բայց գոնէ առժամեայ կերպով լռեցուց ներքին պառակտումները: Այս միջոցներուն տեղի ունեցած է Եթովպացիներուն խնդիրը, որոնք ղփտի եպիսկոպոսին ընթացքէն զայրացած զայն կը վտարեն եւ Երուսաղէմէ հայ եպիսկոպոս մը կը խնդրեն իրենց գլուխ, եւ իրօք ալ Երուսաղէմէ վարդապետներ ճամբայ կը հանուին: Բայց որովհետեւ գործը հետեւանք ունեցած չէ, պէտք չենք տեսներ մանրամասնութեանց մտնել, եւ գացողներուն կրած նեղութիւնները պատմել, որոնցմէ Յակոբը կեանքն ալ վրայ տուաւ: Այլ այսչափը բաւական ըլլայ ակնարկել յապագայից յիշատակ (ՍԱՒ. 1172-1174):

2451. ՎԵՐՋԻՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐ

Պօղոսի ընթացքը մեղադրելի պիտի ըլլար, եթէ Գաբրիէլ պատրիարքը հեռացնել տալէն ետքը, եւ ծայրագոյն կառավարիչի կամ կերպով մը փոխպատրիարքի անունը վրան առնելէն ետքը, տարիներով ալ Երուսաղէմը անգլուխ թողլով, եւ շատերէն ամբաստանեալ բայց իրմէ պաշտպանեալ Եղիան գործի գլուխ պահելով, չի կարենար արդարանալ պարագաներու կշռադատութեամբ եւ հետեւանաց յաջողութեամբ: Գաբրիէլի հեռացումը վնաս մը պիտի չհաշուուի, նկատելով որ ներկայութենէն ոչ մի օգուտ չէր սպասուեր: Եղիան փոխանորդ պահելը, գոնէ անոր ժրութիւն եւ արիութիւն ցուցնելովը կ՚արդարանայ, մինչ ուրիշներ վարանոտ եւ տարտամ ընթացք մը ունէին, թէպէտ վերջէն վերջ ինքն ալ համոզուելով զայն հեռացուց 2450): Իսկ իրեն Կ. Պոլիս մնալը իր կամքէն անկախ պատճառներով երկարեցաւ: Նա ձեռնարկած էր նուէրներ հաւաքելու համար անձամբ շրջիլ յամենայն եկեղեցիս Կոստանդնուպոլսոյ (ԱՍՏ. Բ. 429), երբ 1826 օգոստոս 18-ի մայրեկեղեցւոյ եւ պատրիարքարանի եւ հայաբնակ թաղերու ահագին հրդեհը իր գործը կասեցուց, յարեւնման Շղթայակիրի օրով հանդիպած արկածին 1927): Պօղոս զգացուցած պիտի ըլլայ աւագանւոյն թէ Երուսաղէմը Երուսաղէմով փրկանաւորելու ծրագիրը 2444), ոչ այնպէս դիւրին պիտի ըլլայ ինչպէս կ՚ենթադրուէր, եւ ոչ այնչափ արդիւնաւոր որչափ կը կարծուէր, ուստի պէտք էր տարբեր եղանակներ խորհիլ: Շատ սովորական էր նորէն բարեպաշտներու լումային եւ ունեւորներուն քսակին դիմել, սակայն կասկածելի էր որ կարենար բաւականաչափ արտադրել: Այն ատեն խորհեցաւ պետական պաշտպանութեամբ տանելի կարգադրութեան մը յանգիլ, պարտքերէն ծանր տոկոսները զեղչել, եւ վճարումները պարբերական մասերու կապել: Խորհուրդը լաւ էր, բայց գործադրութիւնը ոչ դիւրին, զի պէտք էր միջնորդներ շահիլ, դիմումներ կրկնել, բացատրութիւններ տալ, գործը երկարել: Բայց վերջապէս պետական հաւանութիւնն առնուեցաւ, եւ գլխաւորապէս Պէզճեանի եւ Պալեանի միջամտութեամբ, բայց պէտք էր տեղական իշխանութեանց ալ համաձայնութիւնը ունենալ, եւ 1827 սեպտեմբերին Յովհաննէս Զմիւռնացի Եգիպտոս ղրկուեցաւ, եւ հռչակաւոր Մէտմէտալիի կառավարութեան հաւանութիւնն առաւ: Անկէ Երուսաղէմ անցաւ դատաւորին վճիռն առնելու, եւ երբ այս արծաթ բազում կը պահանջէր, Դամասկոս գնաց կուսակալ Սալիհ փաշային դիմելու, որ մտադիր հաւանեցաւ, երբ միւս կողմէ դատաւորն ալ զիջաւ պարտ ու պատշաճ արձանագրութիւնները լրացնել, եւ Զմիւռնացին պահանջուած պաշտօնագիրերով Կ. Պոլիս դարձաւ, եւ կայսերական շնորհը հաստատուեցաւ, այսինքն պարտքերը առանց տոկոսի վճարել, եւ գլուխներն ալ տարուէ տարի մէկ ութերորդով ջնջել մինչեւ ութը տարի: Բայց այդ գումարն ալ ճարելու էր: Հանգանակութիւնը նորէն կը սկսի, եւ Կարապետ պատրիարք 1828 յուլիս 23-ի շրջաերականով կը հրամայէ որ քաղաքացիք եւ գաւառացիք առհասարակ ըստ մարդաթուի մէկ կամ երկու կամ երեք դահեկան վճարեն ամ ըստ ամէ, այր եւ կին, մեծ եւ պզտիկ անխտիր: Միանգամայն կը կրկնուի որ աթոռն ալ մասնակցի վաճառմամբ նուազ կարեւոր եւ արժէքաւոր իրերու (ՍԱՒ. 1175 1177):

2452. ՊԱՏՈՒՈՅ ՎՃԱՐՈՒՄ

Վերջապէս Պօղոս յաջող ելք մը ձեռք անցուցած, 1828 սեպտեմբեր 19-ին Կ. Պոլիսէ մեկնեցաւ, հետն ունենալով հանգանակած գումարը: Ցամաքի ճամբով իջաւ Ատալիա, ծովով հասաւ Աղեքսանդրիա հոկտեմբեր 28-ին, եւ Եուսուֆեան Պօղոսի եւ Կիրակոս եպիսկոպոսի ձեռնտուութեամբ արդիւնաւոր հանգանակութիւն կատարեց Եգիպտոսի մէջ, եւ նոյեմբեր 15-ին նորէն ուղեւորելով դեկտեմբեր 3-ին Երուսաղէմ մտաւ, մեկնելէն չորրորդ տարւոյն լրանալէն միայն 11 օր առաջ: Պետական հրովարտակը Դամասկոսի կուսակալին յղեց Կարապետ եպիսկոպոսի ձեռքով, որ գործադրութեան հրամանագիրը ստանալով դարձաւ դեկտեմբեր 26-ին: Կարապետ եպիսկոպոս չդարձած դեկտեմբեր 19-ին միաբանական ժողով գումարեց, բոլոր եղելութիւնները եւ որոշումները հաղորդեց, որոնք ուրախութեամբ լսուեցան միաբաններէն, եւ անհակառակ Երեմիա եւ Գրիգորիս վարդապետները ընտրուեցան վաճառելի իրեղէնները զատելու եւ հաւաքելու: Ոսկեղէն եւ արծաթեղէն անօթներ ոսկերիչներու ձեռքով հալածոյի կը վերածուէին, եւ կամ նոյնութեամբ որոշեալ գնով իբրեւ գումար կը տրուէին, որոնցմէ յետոյ իբր նուէր դարձնողներ ալ կը գտնուէին: Վաճառումները ոչ միայն Երուսաղէմի եւ շրջակայից մէջ կը կատարուէին, այլ եւ Եգիպտոս յղուեցան, վաճառուելու: Մեծ եղաւ նաեւ վճարումները ընելու աշխատութիւնը, զոր անձամբ կատարեց Պօղոս, ճանապարհի աշխատութենէն պատճառած հիւանդութեան օրերը անցունելէն ետքը: Բայց ծանր էր աշխատանքը, զի պարտատէրներ իրարու վրայ դիզուած կը նեղէին, եւ ութերորդ մասին վճարման պայմանին կը դժկամակէին: Պօղոսի հարկ եղաւ ամէն միջոցները գործածել, վաճառումները ընդարձակել, նուիրակութիւններ հանել, ուխտաւորութիւնները քաջալերել, ուխտաւորները բորբոքել, միաբաններն ալ յորդորել: Պատմագիրը կ՚արդարացնէ զայն միաբաններու սենեակները կոխելու եւ սնտուկները պարպելու զրոյցէն զոր ոմանք, կ՚ըսէ ստուգապէս յերիւրեն (ԱՍՏ. Բ. 430): Անհնարին եղան Պօղոսի կրած նեղութիւնները, եւ բազմադիմի ստակ հաւաքելու հնարագիտութիւնները, բայց մեծ եղաւ եւ յաջողութիւնը, զի կրցաւ ութամեայ պայմանաժամին կէսովը գործը վերջացնել, եւ չորս տարիով բոլոր պարտքերը սրբել (ՍԱՒ. 1178), եւ 1833-ի ամավերջը առանց պարտքի ողջունել: Միաբանութեան մէջ պակաս չեղան դժուարութիւններ հանողներ, գանգատներ խօսողներ, բամբասանք ընողներ, եւ հասկնալի է վանական հարստութեանց ցրուելէն յառաջ եկած սրտացաւը: Բայց վերջնական յաջողութիւնը ամէն զրոյց դադրեցուց եւ ամէն լեզու լռեցուց, եւ Պօղոս օրհնութեան եւ գովութեան ցոյցերու արժանացաւ, եւ ցարդ փառաբանութեամբ կը յիշուի անոր անունը աթոռական յիշատակաց եւ վանական աւանդութեանց մէջ:

2453. Ս. ԳԵՐԵԶՄԱՆԻ ՊԱՏԱՐԱԳԸ

Անհնար է մեզ մի առ մի հետեւիլ այն ամէն անցքերուն եւ դարձուածներուն որ Երուսաղէմի մէջ կատարուեցան, եւ որ խնամով հաւաքուած են մասնաւոր պատմիչներէն (ԱՍՏ. եւ ՍԱՒ. ). բայց հնար ալ չէ զանց ընել ընդհանուր ազգային նշանակութիւն եւ կարեւորութիւն ունեցող եղելութիւններ: Այս կարգէն է Հայերուն Ս. Գերեզմանի վրայ պատարագելու իրաւունքին կրկին մտնելը: Հնագոյն ժամանակներէ Հայոց այդ իրաւունքն ունենալը կը հետեւի Սալաէտտինի հրովարտակէն, սակայն վերջէն Լատիններ վայելած են այդ իրաւունքը. Յոյներն ալ մասնակցած են երբ հրդեհէն ետքը շինութեան հրամանը ստացան, իսկ Հայեր տակաւին զուրկ կը մնային, եւ հակառակ երեք ազգերու հաւասարութեան սկզբունքին, այդ կէտը չէր գործադրուած, եւ տակաւին ամէնուն սիրտին մէջ փափաք եւ ձգտում կը մնար: Սուլտան Մահմուտ կայսեր Հայոց հանդէպ ցուցած բարեացակամութիւնը, եւ Միքայէլ Փիշմիշեան ամիրային վայելած ազդեցութիւնը, եւ Փիշմիշեանին ալ փոխանորդ Զաքարիա Կոփեցի վարդապետին հետ մտերմութիւնը, փոխանորդը քաջալերեցին այդ շնորհն ալ խնդրել կայսրէն, իբրեւ լրումն արդէն հաստատուած երից ազգաց հաւասարութեան սկզբունքին: Խնդրանքը շուտով եւ դիւրութեամբ քալեց, եւ Հայոց Ս. Գերեզմանի վրայ պատարագելուն հրովարտակը ելաւ 1829 մայիսին (ՍԱՒ. 1180), պարտքերուն մասին հրովարտակէն 2451) մօտաւորապէս երկու տարի ետքը: Հրովարտակը ուղղակի Եգիպտոս ղրկուեցաւ Կիրակոսի ձեռքը, որպէսզի Երուսաղէմ հասցնէ ուրիշ պաշտօնագիրներու եւ յանձնարարագիրներու հետ: Բայց տեղական իշխանութեան ալ գործակցութիւնը պէտք էր, ուստի հրովարտակը Դամասկոս ալ տարուեցաւ, եւ կուսակալի հրամանագիրով Երուսաղէմ բերուեցաւ օգոստոսի վերջին օրերը. դատարանի մէջ մեծ ժողով գումարուեցաւ, ուր Պօղոս անձամբ եւ Մկրտիչ ու Եղիա ու Կարապետ եպիսկոպոսներ եւ Աբրահամ ու Յակոբ վարդապետներ եւ Մուրատ թարգման ներկայ գտնուեցան, եւ Յունաց ու Լատինաց հակառակութիւնները ցրեցին: Ժողովը դատարանէն Ս. Յարութիւն փոխադրուեցաւ եւ տեղւոյն վրայ զարդեր եւ կարասիներ, պատկերներ եւ աշտանակներ հաւասարապէս Հայոց կողմէն ալ զետեղուեցան, զորս կանխաւ պատրաստած էին պէտք եղած ձեւերով եւ չափերով: Միանգամայն դուռ բանալու, կոչնակ զարնելու, գերեզմանին ներսն ու դուրսը եւ պատանատեղին աւլելու եւ սրբելու, աթոռ դնելու, նախագահին եւ դասականներուն գորգեր սփռելու, տօներուն համաձայն Ս. Գերեզմանին ներսն ու դուրսը զարդարելու, եւ գերեզմանին պահպանութեան մասնակցելու կէտերը որոշուեցան, ճշդուեցան, եւ դատական վճիռի ձեւով արձանագրուեցան, թէպէտ ամէն մի քայլին եւ ամէն մի կէտին յունական եւ լատինական ընդդիմութիւններ կը բարձրանային: Իսկ պատարագի կարգ որոշուեցաւ կէս գիշերէն ետքը սկսելով, նախ Յոյնը, յետոյ Հայը, վերջէն Լատինը արշալոյսին ատենները, եւ պատարագները հանապազօր, միայն տարին երկու օր լռելով, բակլախորանին, եւ աւագ ուրբաթին: Այսպէս ամէն բան լրացնելէն ետքը 1829 սեպտեմբեր 1 կիրակի երեկոյէն, միաբանութիւն եւ ժողովուրդ, բազմութեամբ Ս. Յարութիւն հաւաքուեցան, եւ գիշերապաշտօնը Վերնատունը կատարելով, սեպտեմբեր 2 լոյս երկուշաբթի գիշեր, Ստեփանոսեանց եւ Գոհարինեանց տօնին, կէս գիշերէն երկու ժամ ետքը առաջին պատարագը մատոյց ինքն Պօղոս արքեպիսկոպոս` Ծայրագոյն կառավարիչը, յատկապէս յիշատակելով ազգին մեծամեծները, բարերարները եւ աշխատողները, եւ մաղթանքներ ալ ընելով կայսեր արեւշատութեան եւ նախարարաց յաջողութեան (ԱՍՏ. Բ. 435-441) իսկ հետեւեալ օրերուն մէջ եպիսկոպոսներ յաջորդեցին պատարագել ամիս մը ամբողջ: Եղած կարգադրութեանց կառավարական պաշտօնագիրներն ալ Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան յղուեցան: Անկէ եւ այսր անխախտ պահուած է Հայոց վերսկսած իրաւունքը, եւ երկու ժամարարներ երկամսեայ հերթով անխափան կը մատուցանեն հանապազօրեայ պատարագը: Որոշեալ հինգ օրեր մեծահանդէս պատրիարքական կամ եպիսկոպոսական պատարագներ ալ կը մատուցուին, եւ այս առիթներուն սովորութիւն է յատուկ հանդէս ունեցող ազգին` վերջին մնալ եւ ըստ կամս երկարել իր արարողութիւնները:

2454. ԳՈՂԳՈԹԱՅԻ ԽՆԴԻՐ

Այդ իսկապէս մեծ եւ փառաւոր յաջողութեան, իրաւամբ սկզբնապատճառ պէտք է ճանչնալ Կոփեցին, որ ինքնաբերաբար առաջին քայլն էր առած, բայց այդ յաջողութիւնը պատճառ ալ եղաւ իրեն փորձանքի հանդիպելուն: Առաջին յաջողութենէն քաջալերուած, Երուսաղէմէ ուզեց եւ ստացաւ Ս. Գողգոթայի մասին Հայոց ստացութեան հին փաստաթուղթերը, զի ինչպէս յայտնի է 1431-ին Վրացիներ զայն Հայերէ գրաւեցին, եւ թէպէտ 1438-ին Մարտիրոս պատրիարք յաջողեցաւ վերստանալ 2425), այլ Վրացիք նորէն գրաւեցին. եւ Մարտիրոս պարտաւորուեցաւ երկրորդ Գողգոթայի վերնատունով գոհանալ 1439-ին, իսկ 1440-ին Վրաց թագաւորութեան վերջանալովը Յոյներ մտան Վրաց ժառանգութեան 1506), եւ կը մնային մինչեւ այս ատեն, միայն կողմնակի մաս մը Լատիններու էր անցած: Կոփեցին Ս. Գերեզմանի պատարագին հրովարտակէն ետքը, միշտ Միքայէլ Փիշմիշեանի միջնորդութեամբ, խնդրամատոյց եղաւ կայսեր Ս. Գողգոթայի ստացութեանց համար: Բայց երբ գործը պալատէն բարձրագոյն դուռը քննութեան կը յանձնարարուի, Մեծ Եպարքոս Խուսրէվ փաշա զայրանալով Պէզճեանը կը յանդիմանէ թէ չափազանց են Հայոց պահանջումները, եւ անտեղի դժուարութիւններ կը յարուցանեն պետութեան գլխուն, որ այն ինչ կնքած էր Ադրիանուպոլսոյ դաշնագիրը, եւ Գողգոթայի խնդիրը կրնար որթոտոքս եւ կաթոլիկ պետութիւնները վշտացնել: Պէզճեան եւ ամիրաներ, եւ նոյնիսկ Կարապետ պատրիարք ինքզինքնին անգիտակ կը յայտարարեն Կոփեցիին դիմումէն, եթէ պարզ ձեւակերպութիւն չէր ըսածնին, եւ բացէբաց կը մերժեն գործին մէջ մասնակցութիւն ունենալնին, եւ պատասխանատուութիւնը կը բեռցնեն Երուսաղէմի փոխանորդին վրայ, իբր միակ հեղինակ անխոհեմ եւ անզգոյշ ցուցուած ձեռնարկին, իբր զի նոյն իսկ ազգային պատրիարքարանէն ծածկած էր իր գործը: Այդ չքմեղանքը կ՚ընդունուի, բայց կը հրամայուի Կոփեցին պաշտօնէն եւ քաղաքէն հեռացնել, որ 1830 մարտ 3-ին (ԱՍՏ. Բ. 447) աքսորական Կիպրոս կը յղուի (ՍԱՒ. 1182), եւ փոխանորդութեան պաշտօնը կ՚անցնի Յովհաննէս Զմիւռնացիին, որ Կոփեցիին օգնականն էր 2449): Այդ պարագաներ որ տեղնիտեղօք պատմուած են գիտակ անձերէ, եւ նոյնիսկ գործին հետեւանքները, աւելորդ կը ցուցնեն Պէզճեանի ներբողաբաններուն գրածը, թէ Ս. Գերեզմանին վրան պատարագելու հրամանը միայն Պէզճեանի ձեռքով ստացուած ըլլայ (63 ԺՄՆ. 121, ՊԷԶ. 96), գուցէ բոլորովին անգիտակ եղած չըլլայ: Իսկ Զաքարիա ժամանակ մը Կիպրոս մնալէ ետքը Երուսաղէմ անցաւ, եւ Ս. Աթոռոյ փոխանորդ անուանուեցաւ, Ծայրագոյն կառավարիչին մօտ (ԱՍՏ. Բ. 451): Այստեղ կ՚ընդհատենք Երուսաղէմի անցքերուն շարքը, եւ կ՚անցնինք պատմել Մայրաթոռոյ գործերը եւ Եփրեմի կաթողիկոսութեան վերջին տարիները:

2455. ՊԱՐՍԿԱՀԱՅՈՑ ԳԱՂԹԸ

Էջմիածինի պատմութիւնը թողուցինք երբ Թիւրքմէնչայի ռուսպարսկական հաշտութեան վրայ, Էջմիածին ռուսական երկիր դարձաւ 1828 փետրուար 10-ին, եւ նոր կարգի եւ նոր կեանքի սկզբնաւորութիւն գոյացաւ: Առաջին գործը եղաւ Պարսկաստանի Հայոց Կովկաս գաղթելու խնդիրը, որ Թիւրքմէնչայի դաշնագիրով պայմանաւորուած էր, եւ պէտք էր շտապել, որ ռուսական բանակը Պարսից թողուելիք գաւառներէն չմեկնած գաղթականն ալ ելնէր, որ յետոյ նեղութեան եւ վրէժխնդրութեան չենթարկուէր: Այսչափը անցողակի յիշենք թէ Պարսկահայոց գաղթը Տաճկահայոց գաղթէն առաջ սկսաւ, զոր արդէն պատմած կը գտնուինք 2433), բայց երկու գաղթերը գրեթէ միաժամանակ գործադրուեցան, եւ գաղթականութեանց զետեղման ընդհանուր պաշտօնեան` միեւնոյն Պանկրատիէվ զօրավարն էր, զոր արդէն յիշեցինք: Իսկ գաղթականը ճամբայ հանելու եւ պէտք եղածը կարգադրելու պաշտօնը յանձնուեցաւ գնդապետ Ղազար Լազարեանին, որուն յատուկ հրահանգներ ալ տրուեցան (ԵՐՑ. Ա. 324), եւ Ներսէսի ալ հաղորդուեցան մարտ 28-ին (ԵՐՑ. 326): Ինչչափ ալ գաղթականութիւնը ժողովուրդէն փափաքուած, եւ Ներսէսի միջնորդութեամբ Պասքեւիչի թելադրուած եւ հաշտութեան դաշնագիրին անցած էր, սակայն գործադրութիւնը միեւնոյն եռանդով ամէնէն չընդունուեցաւ: Նեստորական Քաղդէացիք առաջին անգամ ետ կեցան գաղթելու գաղափարէն, չուզելով բաժնուիլ իրենց նախնեաց շիրիմներէն եւ յիշատակներէն (ԵՐՑ. Ա. 326) գուցէ եւ իրենց ապաստանի լեռներէն: Օրինակը ազդեց Հայերուն վրայ ալ, եւ սկսան գաղթելու համար պայմաններ եւ պահանջներ առաջարկել, եւ ասոնց գլուխ էր կեցած Աղբակու Ս. Բարթողիմէոսի առաջնորդ Իսրայէլ եպիսկոպոս, որուն մասին գանգատ ալ մատուցուեցաւ Եփրեմի, բայց կ՚երեւի թէ անոր դէմ ազդու միջոց չգործածուեցաւ, որ կարողացաւ պահել Պարսից սահմաններում քանի մի հազար գերդաստան (ԵՐՑ. Ա. 330): Միայն գիտենք թէ Էջմիածնի կողմէ ժողովուրդը գաղթականութեան յորդորելու յղուեցան Ստեփան Ենովքեան եպիսկոպոս, եւ Նիկողայոս Արցախեցի եւ Գրիգոր վարդապետներ եւ կարող քահանաներ: Գործը դիւրացնելու օգնեցին եւ Լազարեանի աջակցեցան Մովսէս Արղութեան, Իսահակ Ղամազեան, Էնակոլոփեան եւ Շարոյեան գնդապետներ, եւ Ղորղանեան, Շաղուբաթեան, Մելիք-Շահնազարեան եւ Մելիք-Եուսուֆեան սպաներ, եւ վրացի Շալիկով, եւ ռուս Վօյնիկով, Եակիմով, Իսկրիկցի եւ Դէրուբէնկօ զինուորականներ, մինչեւ իսկ իրենց հեծած ձիերը կիներու եւ տղաներու տրամադրելով (ԵՐՑ. Ա. 330): Արգելքներու մեծերը Պարսիկներ կը պատրաստէին, գաղթողներուն իրեղէնները չգնելով, կամ թէ ամենաստորին գիներ տալով, եւ պէտքերը եւ փոխադրութեան միջոցներ անօրինակ թանկութեան բարձրացնելով: Փետրուարի վերջերէն առաջին շարժումը տուին Թաւրիզցիները, որոնց հետեւեցան միւս տեղերու բնակիչները, որոնց թիւը 40, 000 կը հաշուուի սովորաբար (ԵՐՑ. Ա. 332), զի միայն Երեւանի եւ Նոր Նախիջեւանի գաւառներուն մէջ հաստատուածները 35, 560 հաշուուած են պաշտօնական վիճակագրութեամբ (ԵՐՑ. Ա. 337): Գաղթողներ իրենց նոր բնակութեան մէջ ալ նեղութիւններէ զերծ չմնացին, զի իրենց զետեղման համար նախահոգ պատրաստութիւններ եղած չէին, եւ ընելու ատեն ալ չկար: Պասքեւիչին թելադրողներ ալ եղան, իբր թէ սոքա Ռուսաց ոսկու համար են գաղթում, որուն դէմ համարձակապէս բողոքեց Լազարեան գնդապետը` գաղթականութեան վերակացուն (ԵՐՑ. Ա. 336): Բայց ինչպէս անգամ մը ըսինք 2433), Հայեր աւելի կրած հարստահարութիւններէն կը փախչէին, եւ ապագայ բարօրութիւն կը փնտռէին, եւ այդ մասին յուսախաբ չեն եղած, զի պաշտօնական վիճակագրութիւններն ալ, միայն Երեւանի եւ Նախիջեւանի մէջ առաջին 60 տարիներու ընթացքին եռապատիկ անցած կը ցուցնեն տեղւոյն հայաբնակութիւնը (ԵՐՑ. Ա. 338):

 

2456. ԿՐԱՍՈՎՍՔԻ ՀԵՌԱՑՈՒԱԾ

Երեւան անձնատուր եղած էր 1827 հոկտեմբեր 1-ին, եւ 2-ին հանդիսապէս օրհնուած ռուսական տիրապետութիւնը 2404), իսկ հոկտեմբեր 6-ին նորստացիկ հայկական աշխարհին կառավարութիւնը ժամանակաւոր վարչութիւն անուամբ յանձնուեցաւ Կրասովսքի զօրավարին եւ Ներսէս արքեպիսկոպոսին եւ Բօրօտին փոխգնդապետին, առաջինը նախագահ, երկրորդը խորհրդական եւ երրորդը օգնական: Պասքեւիչ տակաւին պէտք կը զգար Հայերը քաղցրութեամբ ողոքել եւ Հայերէն սիրուած անձերը օգտակար էին իր նպատակին: Ինքն Երեւանէ Թաւրիզ ուղեւորեցաւ, երբ Թաւրիզ հոկտեմբեր 13-ին արդէն ինկած էր Ռուսաց ձեռք, եւ Պասքեւիչ 19-ին յաղթական մուտք կատարեց: Հաշտութեան բանակցութիւններ սկսան եւ 1828 փետրուար 10-ին փակուեցան 2405), բայց Պասքեւիչ շատոնց վերադարձած էր Տփղիս եւ զինուորական ձեռնարկներէ ազատած` քաղաքական եւ վարչական գործերով կը զբաղէր, իրեն գլխաւոր նպատակ ունենալով հայաբնակ երկիրներէն հեռացնել Կրասովսքին եւ Ներսէսը, որոնց պարագաներէն ստիպեալ յանձնած էր նոյն տեղերուն առժամեայ կառավարութիւնը: Իր նախաքայլերը սկսաւ երկուքին ալ կատարած գործերը խծբծելով, եւ երբ արդիւնքնին չէր կրնար ուրանալ, զորս ժամանակին գոված ալ էր, նախընթացներէ եւ հետեւորդներէ պարագաներ կը կցէր արժէքը նուազելու եւ օտար միտքեր վերագրելու, չքաշուելով իսկ գրել նախարարապետին, թէ չեմ ծածկում ձեզանից եւ իմ արած սխալներս, սխալ համարելով անոնց մասին ցոյց տուած վստահութիւնը եւ գրած վկայութիւնը (ԵՐՑ. Ա. 350): Ուստի առաջին անգամ Կրասովսքիի հեռացումը պահանջեց: Նախարարութիւնը համակերպեցաւ իրեն, զի Օսմանցոց դէմ պատերազմ սկսած էր եւ Պասքեւիչ ասիակողմին մէջ պիտի գործէր: Կրասովսքի 1828 փետրուար 21-ին պաշտօնէն արձակուեցաւ, եւ 28-ին Երեւանէ մեկնեցաւ համակրութեան մեծ պատիւներով Հայերուն կողմէն, որոնք ինքնաբերաբար կը մասնակցէին ցոյցերուն, եւ Եփրեմ կաթողիկոսն ալ անձամբ եկած էր ողջերթ մաղթելու: Պետրբուրգի մէջ գնահատուեցաւ Կրասովսքի ականակուռ պատուանշանով, մեծագումար նուէրով, եւ Օսմանեանց դէմ պատերազմին զօրաբանակի զօարգլուխ անուանուելով, ուր Սիլիստրէի եւ Շումլայի առումով եւ Պալքաններու պատերազմով նոր անուն եւ նոր վարձատրութիւններ շահեցաւ (ԵՐՑ. Ա. 351-3527: Երեւանի նահանգապետութեան մէջ Կրասովսքիի յաջորդ անուանուեցաւ իշխան Աղեքսանդր Ճավճավաձէ զօրավարը, Վրացի անզնուականներէն, որ գիտցաւ ժողովուրդի համակրանքը գրաւել:

2457. ՆԵՐՍԷՍ ՀԵՌԱՑՈՒԱԾ

Կրասովսքիէ ազատելէն ետքը, հոգ չէ որ նա դարձեալ եւ աւելի փառաւորուած ըլլար, կարգը եկաւ Ներսէսը հեռացնելու, եւ ձեռնարկը սկսաւ 1828 մարտ 5-ին, զայն Երեւանի ժամանակաւոր վարչութենէն արձակելով: Դիւրին չէր Ներսէսը իր հոգեւորական պաշտօնէն հանել առանց կաթողիկոսի իշխանութեան, եւ Եփրեմ ալ համոզել Ներսէսը իր մօտէն հեռացնելու, եւ ոչ ալ Ներսէսը վարկաբեկելով տապալել, այնչափ վկայութիւններէ, գնահատումներէ եւ վարձատրութիւններէ ետքը: Աքքիրմանցի Գրիգոր Զաքարեան արքեպիսկոպոս, Բեսարաբիոյ առաջնորդ, վախճանած էր 1826-ին, եւ վիճակը, որ այն ատեն միայն հինգ եկեղեցի ունէր, երկու տարիէ ի վեր Քիշնեւի հոգեւոր ատեանի ձեռքով կը կառավարուէր (§ՌԱ. Բ. 124), ուստի իբրեւ դժուարութիւններէ ելնելու միջոց խորհուեցաւ Ներսէսը այնտեղ փոխադրել: Զաքարեանի նախընթացները պատմուած են իրենց կարգին, եւ վերջին անգամ յիշեցինք թէ Եփրեմ թողած էր զայն Բեսարաբիոյ առաջնորդութեան մէջ 2335), ուր վերահաստատուած էր 1806-ին (ԵՐՑ. Ա. 359): Ներսէսը տեղափոխելու գաղափարն անշուշտ Պասքեւիչէ յղացուած է, բայց ձեռուընիս գտնուած գրութեանց մէջ, առաջին անգամ այդ առաջարկը կը կարդանք Բէնկէնտորֆ նախարարին 1828 ապրիլ 13-ին Եփրեմի եւ Ներսէսի ուղղած նամակներուն մէջ: Իբրեւ պատճառ կը բերուի Օսմանեանց դէմ սկսած պատերազմին առթիւ Բեսարաբիայի ստացած կարեւորութիւնը, եւ այնտեղ կարողագոյն անձ մը ունենալու պէտքը, որ կարենայ նպաստել ռուսական քաղաքականութեան եւ հովուէ Բեսարաբիան եւ մերձակայ երկիրները, այլեւ իշխանութիւն վարէ ի վերայ բնակչացն յայլ նահանգս Օսմանեանց, որոց տիրեսցէ զէնն Ռուսաց (ԵՐՑ, Ա. 363): Իրաւ յիշուած էր որ եթէ Ներսէս չի կրնար, ուրիշ մը նշանակուի, բայց սաստիկ կը շեշտուէր Ներսէսը զրկուիլը: Նախարարին նամակները Պասքեւիչի մայիս 21-ի յանձնարարականներով Էջմիածին հասան մայիս 25-ին, երբ Ներսէս ալ հոն էր, որ 26-ին անմիջապէս պատասխանեց թէ յունիս 4-ին Էջմիածնէ կը մեկնի եւ կու գայ իրեն հետ տեսնուելու: Բայց Պասքեւիչ պատասխանեց թէ անոր Բեսարաբիա մեկնիլը թագաւոր կայսեր կամօքն է եւ պէտք է անմիջապէս կատարուի, եւ հրահանգ թողլով որ առատ ճանապարհածախս եւ բացէն 300 ոսկի վճարուի, ինքն յունիս 5-ին Տփղիսը թողուց բանակին գլուխը երթալու: Ներսէս Էջմիածինէ մեկնեցաւ Եփրեմի հասնելէն եւ պէտք եղած կարգադրութիւններէն ետքը: Տփղիսի մէջ իր բացակայութեան միջոցին համար պէտք եղածը հրահանգեց, փոխանորդութիւնը յանձնեց Սիմէոն Բզնունի եպիսկոպոսի, օգնականութեամբ Յարութիւն Ալամդարեանի, զոր վարդապեթեան բարձրացուց, եւ դրամական գործերու համար խորհրդականներ նշանակեց Գէորգ Արծրունին եւ Յարութիւն Շիրմազանեանը (ԵՐՑ. Ա. 374): Ինքն կը կարծէր թէ Բեսարաբիա իրեն կը յանձնուէր Տփղիսի առաջնորդութիւնը պահելով, եւ թէ կրնայ Բեսարաբիա չգացած Պետրբուրգ հանդիպիլ եւ կայսեր ներկայանալ: Օգոստոսի կէսին Տփղիսի թողուց, եւ 21-ին Ստաւրոպոլի մէջ հրաման ստացաւ ուղիղ Քիշնեւ երթալ, ուր հասած կը գտնուէր արդէն հոկտեմբեր 16-ին, եւ Պասքեւիչի կը գրէր յանձնարարելով Կովկասի Հայերը եւ յատկապէս նոր գաղթականները, եւ կը ծանուցանէր թէ իրեն համար նշանակուած գումարները չէ ուզած գանձել, վասնզի, կ՚ըսէ, երբեք չեմ ստացած դրամական նպաստներ, ու ոչ մտքումս անցել է այդպիսի բան խնդրել (ԵՐՑ. 386): Պասքեւիչի 1828դեկտեմբեր 29-ի պատասխանովը փակուեցան երկուքին յարաբերութիւնները, եւ Ներսէս կղզիացած մնաց Էջմիածնի եւ Տփղիսի, եւ Հայկական նահանգի յարաբերութիւններէն, որոնց համար այնչափ աշխատանք կրած, եւ այնչափ ալ արդիւնաւոր եւ երախտաւոր եղած:

2458. ՀԵՌԱՑՄԱՆ ԳԱՂՏՆԻՔԸ

Առեղծուածի պէս բան մը մնացած է Ներսէսի Տփղիսէ վտարուիլը կառավարութեան կողմէ, քաղաքավարի, բայց եւ բռնադատիչ ձեւերով, այնպէս որ կաթոլիկոսին ալ կարգ չէ եկած համարձակ կարծիք յայտնել կամ որոշում տալ կամ դարման հոգալ: Ներսէս Տփղիսէ կը մեկնէր իբրեւ թէ յատուկ յանձնարարական պաշտօնի մը կոչուած ըլլար, ոչ պաշտօնէ դադարած կը յայտարարուէր, եւ ոչ յաջորդը կ՚անուանուէր: Ժամանակիս անցքերը պատմագրողներ (ՄՍՐ. եւ ԵՐՑ. ) Պասքեւիչի անձնական հակառակութենէն զատ պատճառ մը չեն տար, եւ կայսերական կառավարութիւնն ալ պարզապէս Պասքեւիչի հաճոյակատար կը ներկայեն: Բայց մենք կը կարծենք որ եթէ պետական շահեր այս տեսակ ստիպողական եւ բուռն գործ մը չպահանջէին, Ներսէս որ ռուսական յաղթութեան եւ տիրապետութեան բազմերախտ գործիչն եղած էր, պէտք էր որ նոյն տիրապետութեան հաստատուելուն անձնանուէր օժանդակը նկատուէր, եւ Տփղիսի մէջ պահուէր իբր անհրաժեշտ անձնաւորութիւն մը: Արդէն նոր գրաւուած երկիրներուն կանոնաւորութեան համար կազմուած յանձնաժողովը որոշեր էր, Հայոց հոգեւոր գործերի վարչութիւնը յանձնել Ներսէս արքեպիսկոպոսին, միայն ծայրագոյն ղեկավարութիւն մը, կամ անունական գերագահութեան մը վերածելով կաթողիկոսի գործը: Իբրեւ գաղտնիքը լուծելու բանալի կը պատմուի թէ Ներսէս թուղթ մը ունէր, զոր ձախ ծոցի գրպանում էր պահում, եւ որից չէր բաժանվում գիշեր եւ ցերեկ, եւ սովոր էր կրկնել թէ Պասքեւիչը ահա այստեղ է կաշկանդուած (ԵՐՑ. Ա. 356), ոչ ոք տեսաւ կամ լսեց այս թուղթին պարունակութիւնը, եւ մահուանէ ետքն ալ յայտնի չէ թէ այն թուղթը ինչ եղաւ: Ներսէսի հաւատարիմ ականատեսն ալ կը վկայէ թէ այդ թուղթը երբեք իրմէ չէր հեռացներ, եւ բնաւ մէկու դպչիլ չէր ներեր, թեեւ դրամարկղին բանալին իսկ համարձակ կը յանձնէր իրեն: Այն թուղթին փաթթուած թաշկինակը մահուանէ ետքը գտնուած է, բայց առանց թղթի (04 Բազ. 423): Այսչափը կը բաւէ հետեւցնելու թէ Ներսէսի եւ Պասքեւիչի միջեւ համաձայնութիւն մը անցած էր, ուսկից Պասքեւիչ կը խուսափէր, եւեւ Ներսէսը իր սահմանին մէջ չէր ուզեր, մինչեւ իսկ տեսակցութենէ ալ խոյս կու տար: Երկու ամերիկացի քարոզիչներ ալ, որ իրենց ուղեւորութիւնը հրատարակած են, լսած են այն ատեն, թէ անբաւականութիւն ինչ ծագեալ ի մէջ նորա եւ Պասքեւիչի, սկիզբն եղեւ անակնկալ հեռացման: Բերնէ բերան խօսուած զրոյցներն ալ կը պատմեն, թէ Պասքեւիչ շատ առջեւ գացած է Հայոց նպաստաւոր խոստումներու մէջ, Ներսէսը գործի մղելու համար, որոյ գործադրութեան կամք չէ ունեցած, եւ պահանջող մը մօտը պահել չէ ուզած: Արդէն Հայաստանի կազմութեան ատեն, Ներսէսի եւ Պասքեւիչի միջեւ համաձայնութեան հիմ մը տրուած ըլլալը իր տեղը յիշեցինք 2397): Բայց եթէ այդ այդպէս է, պէտք է գործին աւելի ընդարձակութիւն ենթադրել, քան Պասքեւիչի անձնական շրջանակը, գուցէ կրկնում մը 1789-ին դաշնագիրին 2200), բարձրագոյն հաստատութեամբ եւ Պասքեւիչի միջնորդութեամբ առաջարկուած, բայց պետական տեսակէտով իրականացման չսահմանուած: Այս մասին իբբրեւ փաստ կրնայ նկատուիլ, որ Ներսէսի հայաբնակ գաւառներէն անակնկալ հեռացմամբ, եւ կամ ճշմարիտ եւս ասել, աքսորման նորա ի Բեսարաբիա (ՄՍՐ. 127), եւ 15 տարիներ հայ գործունեայ ասպարէզէն հեռու պահուելուն բուն հեղինակը Պասքեւիչի հետ նախարարութիւնն ալ եղած է: Վերը յիշուած եւ Ներսէսի ծոցը պահուած թուղթին մասին, խմբագիր մը, որ զրոյցներ հաւաքելու հետամուտ եւ երեւակայութեան ասպարէզ տալու հակամէտ է, գրած է թէ Գիրսասն էլ միեւնոյն արաւ, ակնարկելով վաճառման նամակը Յունաց կայսեր դարձնող Կիրակոսին 839), եւ ոչ Զանգակ երէցին, այսինքն թէ Ներսէս կաթողիկոսի մահից յետոյ մէկ քանի հարկաւոր թղթեր որ միշտ ծոցումն էր պահում, տարու Ռուսաց կառավարութեան տուեց (ԾԻԼ. Ա. 324): Կերեւի թէ այդ տողերը գրողն ալ վախցած ի իր ամբաստանած անձին անունը ուղիղ գրել, եւ Սարգիս անունին տառերը տեղափոխելով Գիրսաս է կազմած, իսկ Սարգիսն ալ նոյն ինքն Ջալալեան եպիսկոպոսն է (ԾԻԼ. Ա. 343), որ խմբագիրին կողմէ շարունակ դատափետուած է: Մենք իբրեւ պարզ տեղեկութիւն յառաջ կը բերենք այդ զրոյցները, առանց անոնց պատմական ստուգութիւնը երաշխաւորելու:

2459. ԵՓՐԵՄ ՅԷՋՄԻԱԾԻՆ

Երբոր Ներսէս կը հեռացուէր, արդէն Էջմիածին դարձած էր Եփրեմ, պետութիւնը փոխուած էր, եւ այլեւս տեղի չունէին հեռի մնալու պատճառները, մանաւանդ Ներսէսը Էջմիածինէ հեռու պահելու խորհուրդին պահանջն էր, որ Եփրեմ Էջմիածին գտնուէր, զի որչափ եւ ծեր եւ տկար, տակաւին իր աստիճանով եւ իր ձիրքերով կրնար աթոռին տէր կանգնիլ եւ կանոնաւոր կացութիւն պահել եւ Սինոդին ալ ուղղութիւն տալ: Ուստի մայիս 2-ին Եփրեմ Պասքեւիչէ հրաւիրուեցաւ աթոռ դառնալ, եւ պէտք եղած պատրաստութիւնները տեսնուելէն, եւ ամենայն ինչ օրինաւոր կերպարան ստանալէն ետքը 1828 յունիսի սկիզբը Տփղիսէ մեկնեցաւ եւ հանդարտ ուղեւորութեամբ 15-ին Էջմիածին մտաւ մեծ հանդէսով եւ ոգեւորութեամբ, որուն արձագանք եղաւ Մսեր Մսերեան Մագիստրոս քերթողական ուղերձով մը: Քիչ օր ետքը 22-ին, Եփրեմի կը յանձնուէր Աղեքսանդր Նեւսքի ականակուռ շքանշանը: Ներսէս Էջմիածինէ չմեկնած կարեւոր կարգադրութիւնները կատարեց, Սինոդը վերակազմել տուաւ, Մարտիրոս տեղապահ, Յովհաննէս Կարբեցի, Սահակ Դարբինեան, եւ Ստեփանոս Գեղամեան եպիսկոպոսներով, եւ Մանուէլ Շահինեան, եւ Յովսէփ Մատթէոսեան վարդապետներով, յատուկ հրահանգներ ալ տուաւ, եւ երիտասարդագոյն սինոդական Մատթէոսեանի յանձնարարեց իրեն շարունակ տեղեկութիւններ հաղորդել: Թէպէտ Ներսէս Պասքեւիչի գրած էր յունիս 14-ին Էջմիածինէ մեկնիլ 2457), սակայն Պասքեւիչի ուղեւորիլը եւ Եփրեմի հասնիլը հարկադրած են այդ ժամադրութիւնը փոխել, որով գլուխ կանգնեցաւ Եփրեմը դիմաւորողներուն: Յուլիսի սկիզբները թողուց Էջմիածինը, Տփղիսի մէջ կարգադրութիւնները լրացուց, եւ Ռուսաստան մեկնեցաւ ինչպէս պատմեցինք 2457): Անցողաբար յիշենք Սերովբէ Արարատեանի պատրաստած Ներսէսի դէմ գրութիւնը, զոր Պասքեւիչի ներկայեց, Ներսէսի բոլոր գործառնութիւնները խեղաթիւրելով, եւ անուղիղ միտքեր վերագրելով, այնպիսի ծայրայեղութեամբ, որ նոյնիսկ Պասքեւիչ հարկ սեպեց գրել, թէ ինքն չէ երաշխաւորում այդ տեղեկութեանց ճշդութեան մասին: Սերովբէ կը յուսար այս կերպով Պասքեւիչի մտերիմը դառնալ, ինչ որ էր երբեմն Ներսէսը, բայց քսութիւն չի կրնար արդիւնաւորութեան հաւասարիլ եւ հաստատապէս արգասաւորիլ: Այդ կարգէն պէտք է համարել Ալամդարեանի դէմ հակառակութիւնն ալ, որ թէպէտ Սիմէոն Բզնուիի օգնական, այլ գլխաւոր գործիչն էր վիճակին վարչութեան մէջ, բայց որովհետեւ Ներսէսի հաւատարիմներէն էր, Պասքեւիչ անոր մասին գանգատագիր ուղղեց Եփրեմի հոկտեմբեր 23-ին, բայց Եփրեմ նոյեմբեր 16-ին պատասխանեց, թէ Ալամդարեան թեմին վարիչը չէ, այլ միայն Բզնունիի օգականն է, եւ թէ մասնաւոր վիճակներ ուրիշ եպիսկոպոսներու յանձնուած են. Շամախին Մինասի, Շամշատիլը Գրիգորի, Ղարաբաղը Սարգիսի եւ Փամբակը Առաքելի: Կաթողիկոսի եւ Սինոդի եւ միաբանութեան կողմէ կեղծ գրութիւններու խնդիր մըն ալ երեւան եկաւ նոյեմբերի մէջ, որոնց գրող եղած էին Զաքարիա Գուլասպեան, Աբրահամ Վաղարշապատցի, Ղուկաս Մաստարացի, եւ Յովհաննէս Շախաթունեան վարդապետները, բայց Արարատեանի թելադրութեամբ գրած ըլլալնին խոստովանեցան (ԵՐՑ. 465): Այս եւ ասոր նման դէպքէր Էջմիածնի մէջ կը յաճախէին, զի Ներսէսի հեռանալէն ետքը դիրք բռնելու ձգտումները կը զօրանային, քաղաքական իշխանութեանց հաճոյանալու ճիգերը կ՚ընդարձակուէին, եւ դժբախտաբար իրարու դէմ ալ կը մրցէին:

2460. ԵՓՐԵՄ ԵՒ ՆԵՐՍԷՍ

Եփրեմ առջի օրէն նախաձեռնութենէ զուրկ եւ ժրութենէ անմասն վիճակ մը առած 2332), տարիներու ընթացքով աւելի եւս տկարացած, դժուարութիւններէ ընկճուած, եւ երկարատեւ բացակայութեամբ դիրքը խախտած էր, միանգամայն շարունակ անկողնի պարտաւորուած ըլլալով, կը զգար որ զօրաւոր աջակից մը պէտք ունէր, եւ Ներսէսէն զատ մէկու վրայ վստահութիւն չունէր: Ինչ որ կաթողիկոսութեան առջի օրերուն մէջ անցած էր եւ իր միտքն ալ շփոթած 2335, 2341) լիապէս բուժուած էին իր պանդխտութեան միջոցին Ներսէսին իրեն եւ աթոռին համար թափած ջանքերուն ականատես եւ փորձառու ըլլալովը: Ուստի միտքը դրաւ իր խիղճին հանդարտութեան եւ աթոռոյ ապահովութեան համար Ներսէսը մօտ բերել եւ ամէն բան անոր յանձնել, իշխանութիւնն ու աստիճանն ալ միասին, զայն օծելով եւ ինքն քաշուելով: Այս իմաստով պաշտօնագիր մը ուղղեց Նիկողայոս կայսեր 1828 հոկտեմբեր 18-ին, երբ հազիւ թէ Ներսէս Քիշնեւ հասած էր 2457): Նախապէս ռուսական կայսերութեան շնորհիւ երջանկութեան օրերու հասած ըլլալը կը վկայէ, եւ 1393 տարիներէ հետէ 54 կաթողիկոսներու կրած խեղճութիւններէ ետքը իրեն փրկանաւոր փոփոխութիւնը տեսած ըլլալը կը յիշէ, եւ իր տկարութիւնը յառաջ բերելով կը խնդրէ որ Ներսէս իրեն մօտ դարձուի, որպէսզի զայն իրեն յաջորդ օծէ, եւ ինքն խաղաղ աչք փակէ: Երկու օր ետքը նոյեմբեր 20-ին յատուկ կոնդակով Ներսէսի ալ կը հաղորդէ կայսեր գրած ըլլալ եւ գրածին պարունակութիւնը (ՄՍՐ. 132-136): Այդ գրութեանց մէջ Եփրեմ կը յայտնէ թէ ութսունամեայ եղած է, աչքը չաւ տկարացած, ականջը ծանրացած, ծունկերը կթոտած, բոլոր զգայարանները խանգարած, միտքն ալ ընդարմած, եւ պաշտօնին եւ ոչ մի գործը կատարելու կարող: Եփրեմի այդ առաջարկէն ետքն էր որ Արարատեանը սուտ նամակներու դաւադրութիւնը սարքած էր 2461), որպէսզի Ներսէսի յաջողութիւնը արգիլէ: Որչափ ալ չորս վարդապետներ Արարատեանի գործիք եղած ըլլալնին խոստովանեցան, սակայն հնար չէ չտեսնալ որ Արարատեանէ աւելի Կարբեցին այդ գործին դեր վարելու շահն ունէր, եւ Արարատեան ալ Կարբեցիին անձնուէրը դարձած էր: Եփրեմ կաթողիկոս, կայսեր մատուցած հրամանագիրը զօրացնելու, կամ թէ դաւադրական արգելքները հեռացնելու համար կայսեր գրածին միտքով Պասքեւիչի ալ կը գրէր դեկտեմբեր 20-ին եւ խնդրէր գթալով առ բազմամեայ ծերունիս` զխնամողական միջնորդութիւն ձեր միաւորել աղերսագրութեան իմոյ (ԵՐՑ. Ա. 482, ՄՍՐ. 211-214):

2461. ՊԱՍՔԵՒԻՉ ԵՒ ՆԵՐՍԷՍ

Բայց Պասքեւիչ կանխած էր, եւ նոյեմբեր 16-ին Արարատեանի պատրաստած պարսաւագիրը Բլուտով նախարարին հաղորդելով իր կողմէն ալ դիտողութիւններ աւելցուցած էր, եւ Էջմիածինի մասին կատարուելիք կարգադրութեանց հետեւեալ կէտերը առաջարկած: 1. Ներսէսի Վրաստան դառնալը ամէն կերպով արգիլել: 2. Եփրեմը համոզել որ Սինոդի օգնութեամբ գոնէ վերիվերոյ ղեկավարէ: 3. Սինոդի իրաւունքները հաստատել եւ որոշել: 4. Մատթէոսեանը Էջմիածինէ եւ Ալամդարեանը Տփղիսէ հեռացնել: 5. Ներսէսի հաշիւները քննութեան ենթարկել: 6. Հայ եկեղեցականութիւնը կրթել եւ առանց ժողովրդին վրայ ծանրանալու ապրելու ձեւ մը հաստատել: 7. Հայ եկեղեցւոյ վարչութեան համար ընդհանուր եւ գրաւոր սահմանադրութիւն կազմել: Իսկ ներկայ կացութիւնը բացատրելու համար կը գրէ, թէ կաթողիկոսը բոլոր հայոց պետն է, եւ ազգը զայն մի կերպ պետ կը ճանչնայ աշխարհական գործերի մէջ ալ: Ուստի եթէ ընդունակ եւ ձեռներէց անձ մը կաթողիկոս դառնայ, կարող է Տաճկաստանի եւ Պարսկաստանի Հայերու ազդեցութեամբ զօրանալ, եւ դիմադրել ռուսական քաղաքական իշխանութեան բարի կամեցողութեանց: Ներսէսի որեւէ պաշտօնով Էջմիածին դառնալուն ալ կ՚ընդդիմանայ, զի Եփրեմ թոյլ է բնութեամբ եւ զառամեալ է տարիքով, եւ անկարող պարապել ծայրագոյն վարչութեամբ: Միւս կողմէ միաբանութեան վրայ խօսելով կ՚ըսէ Ներսէս արքեպիսկոպոսի կուսակիցների ձեռքով միաբանաց մէջ խառնակութիւնները աճում են: Վերջապէս ամէն տեսակ քսութիւն կը գործածէ որ չըլլայ թէ Ներսէս Կովկաս դառնայ: Եփրեմ իրեն ուղղած գիրը առնելէն ետքը Պասքեւիչ նորէն կը դառնայ նոյն նիւթին վրայ, եւ 1829 յունուար 5-ին նորէն եւ աւելի խստութեամբ կը պարզէ Բլուտով նախարարին իր տեսութիւնները, մինչեւ իսկ համարձակիլ գրել, թէ Եփրեմ վստահացաւ անհանգիստ անել թագաւոր կայսեր իւր անմիտ խնդիրքով, պատրիարքական աստիճանը ժառանգաբար Ներսէս արքեպիսկոպոսին յանձնելու մասին (ԵՐՑ. Ա. 481-486): Պասքեւիչի թելադրութիւնները իրենց ընթացքը ունեցան: Արդէն դիտել տւեր էինք թէ Ներսէսի հեռացուելուն մէջ նախարարութիւն ալ պարզ հետեւող եղած չէր 2458): Դեկտեմբեր 25-էն նախարարական խորհուրդը Նէսսէլրօտէի նախագահութեամբ եւ Բլուտովի առաջարկութեամբ իր որոշումը տուած եւ Կայսեր ներկայացուցած էր: Այդ որոշումը կը պարունակէր Նարսէսը քաղաքավարի պատճառաբանութեամբ թողնել Բեսարաբիայում եւ արթուն հսկողութիւն ունենալ նորա նամակագրութեանց մասին, եւ գաղտնի հսկողութիւն ունենալ Մատթէոսեանի եւ Ալամդարեանի վրայ: Միեւնոյն դեկտեմբեր 25-ի թուականով այդ կէտերը Պասքեւիչի հաղորդուեցան, աւելցնելով թէ հայ եկեղեցւոյ համար հիմնական սահմանադրութիւն կազմելու համար ուսումնասիրութիւնք սկսած են: Այդ անցուդարձերը հասան Ներսէսի ականջը եւ իմացաւ Պասքեւիչի իր մասին ամբաստանութիւններ գրած ըլլալը Արարատեանի գործակցութեամբ յունուար 7-ին կոմս Տիբիչի ընդարձակ գանգատագիր մը գրեց, բողոքելով իր դէմ խօսուած զրպարտութեանց համար, ակնարկելով Արարատեանի որպիսի ոք ըլլալուն, յիշելով անցեալ եղելութիւնները, որոնց Տիբիչ ալ տեղեակ էր, եւ խնդրելով ամբաստանագիրին իրեն հաղորդուիլը, որ տեղնիտեղօք պատասխանէ: Նոյն յունուար 21-ին Բլուտով նախարարին ալ կրկնեց (ԵՐՑ. Ա. 491-497), բայց երբոր իր գիրերը հասան, որոշումները տրուած էին, Եփրեմի առաջարկը մերժուած, եւ Ներսէսի Բեսարաբիա մնալը հրամայուած: Պասքեւիչի մասին նախարարութիւնն ալ անծանօթ չէր նորա կրքոտ բնութեանը, բայց կարեւոր անձ էր իր զինուորական տաղանդովը եւ Տաճկաստանի դէմ պատերազմին ընդհանուր հրամանատար էր նշանակուած: Ներսէսի ծառայութիւններն ու արժանիքներն ալ անծանօթ չէին, բայց նա ալ նոյնպէս կրքոտ եւ անհանգիստ բնութեան տէր կը գիտցուէր, եւ կաթողիկոսանալու ձգտում կը վերագրուէր իրեն, ուստի երկուքը իրարմէ հեռու պահելը հարկ կը դատուէր: Այդ հիմամբ գրուեցաւ կայսեր պատասխանը առ Եփրեմ 1829 մարտ 12 թուականով, որով կը յանձնարարուէր իր պաշտօնը շարունակել, եւ կը յայտարարուէր Ներսէսի Բեսարաբիա մնալու հարկը յանձնարարութիւնները լրացնելու համար (ԵՐՑ. Ա, 499, ՄՍՐ. 211): Այսպէս փակուեցաւ Եփրեմի առաջարկին միջադէպը:

2462. ՄԻՋՈՑ ԺԱՄԱՆԱԿԻ

Կայսեր պատասխանի 1829 մարտ 12 թուականէն մինչեւ 1830 հոկտեմբեր8 Եփրեմի բացարձակ հրաժարագիրին թուականը, տարիուկէս անցաւ, եւ այդ միջոցին Եփրեմ շարունակեց վարել կաթողիկոսութիւնը, թէպէտ ոչ կատարեալ կերպով, զի թէպէտ միտքը ամբողջ դատողութեամբ կը գործէր (ՇԱՀ. Ա. 236), բայր տեսութիւնը եւ ուրիշ արտաքին կարողութիւնները տկարացած էին, եւ գործունէութենէ քաշուած անկողնոյ կեանք մը կ՚անցունէր: Ներսէս հեռացած եւ կառավարական կարգադրութեամբ Էջմիածինի գործերէ հեռու պահուած, ասպարէզը մնացած էր Կարբեցիին, որ Սինոդի անդամ էր, եւ Պասքեւիչի կոյր գործիք դարձած եւ անոր վստահութիւնը գրաւած էր Ներսէս եպիսկոպոսին ատեցող եւ թշնամի ըլլալու արժանիքով (ԶԱՄ. Բ. 159): Իր իսկ բարեկամ Արարատեանը զայն Պասքեւիչի յանձնարարած ատենը, իբրեւ նպաստաւոր հանգամանքներ ցուցուցած էր, թէ նա փառասէր է, եւ ի վաղուց ի վեր հետամուտ կաթողիկոսական գահին, թէ շահասէր է եւ երկրպագու ոսկուն եւ արծաթին, թէ պատրաստ է հաճոյանալ մեծամեծներին, եւ երբեք չի յանդգնիր նոցա ընդդիմութիւն ցոյց տալ (ԵՐՑ. Ա. 526): Եփրեմ չկրկնեց իր խնդրանքը կայսեր առջեւ, զի ոչ միայն յոյսի դուռները փակուէր էին, այլեւ 1829 գարունէն սաստկացած էր ռուսեւթուրք պատերազմը, եւ յարմար չէր, այդպիսի խնդիրներով զբաղիլ մինչեւ հաշտութեան օրը 2432): Այս պայմաններով Կարբեցին Պասքեւիչի հովանաւորութեան արժանացած, կրցաւ հետզհետէ մայրաթոռէն հեռացնել տալ Ներսէսի համակիրները եւ իր ազդեցութիւնը ընդարձակել:

2463. ՆԵՐՍԷՍԻ ԲՈՂՈՔԸ

Երբոր այս դարձուածները Էջմիածինի եւ Տփղիսի շուրջը կը կատարուէին, անդին բաւական կնճռոտ բանակռիւ մը սկսած էր Ներսէսի եւ Պասքեւիչի եւ նախարարներու միջեւ: Բլուտով` օտար դաւանութեանց ռուսական նախարար, մարտ 12-ին, կայսեր նամակին օրը Ներսէսի կը պատասխանէր եւ զայն ամէն կերպով կը բարձրացնէր, վստահեցնելով թէ արդարութեամբ կը շարունակուի, անոր հանդէպ այն բարեհաճութիւնը որին արժանացած էր քանիցս անգամ, եւ կը յանձնարարէր նորանոր արդիւնքներ ցուցնել արեւմտեան պատերազմին առթիւ, եւ աւելորդ կը սեպէր որեւէ քննութիւն կամ բացատրութիւն: Իսկ այս նամակէն երեք օր ետքը, մարտ 15-ին, նոյն Բլուտով Պասքեւիչի կը հաղորդէ Ներսէսի գանգատագիրը եւ տարբեր զգացումներ կը յայտնէ անոր մասին, թէ կաթողիկոսացուն ընդհանուր Հայոց սիրելի պէտք է ըլլայ, որպիսի չէ Ներսէսը, թէ կաթողիկոսին հնար չէ յաջորդ նշանակելու իրաւունք տալ, թէ պէտք է Մատթէոսեանի եւ Ալամդարեանի եւ Ներսէսի վրայ հսկել, թէ ընդհանուր կանոնադրութիւն ուսումնասիրելու է, եւ այլ այսպիսի թելադրութիւններ: Պասքեւիչ, որ Ներսէսի բողոքի մասին զինուորական նախարար կոմս Չէրնիշէվէ ալ տեղեկութիւն առած էր, ապրիլ 5-ին նոյն ինքն Չէրնիշէվի կը գրէ ինքզինքը արդարացնելով, եւ Ներսէսի մասին նոր ամբաստանութիւններ աւելցնելով, եւ կը հաւաստէ թէ ինքն Հայոց հոգեւորականութեան հետ յարգանօք կը վարուի, զի Չէրնիշէվ յանուն կայսեր ազդարարած էր քաղաքավարի վարուիլ: Պասքեւիչ աւելի եւս գրգռուած Ներսէսի դէմ նոր ամբաստանութիւններ քաղելու պաշտօն կուտայ Արարատեանի, որ Պայազիտէ կը դառնար, ուսկից հալածուած էր, իր չարախօսութեամբ շատերուն աքսորուելուն պատճառ ըլլալուն համար: Ապրիլ 29-ին գիշեր մը միայն Էջմիածին մնալով, առասպելական զրոյցներ կը հաւաքէ, եւ Պասքեւիչ անոնցմով ճոխացած նոր գիր կը գրէ Բլուտովին մայիս 3-ին, ինչ ինչ խորհրդածութիւններ իրմէ աւելցնելով, եւ յատկապէս Ներսէսի ձգտումները շեշտելով (ԵՐՑ. Ա. 512-515): Մայիս 9-ին Եփրեմի ալ կը գրէ Ներսէսի արարքը խծբծելով (ԵՐՑ. Ա. 516): Կայսրը տեսնելով որ գործը տգեղ կերպարաններ կ՚առնէ, Չէրնիշէվի ձեռքով Պասքեւիչի կ՚ազդարարէ որ այս գործը վերջացած համարուի (ԵՐՑ. Ա. 515): Գալով եղելութեանց իսկութեան, ստոյգ է որ Ներսէս նոյնիսկ Քիշնեւի առանձնութեանը մէջ չէր կրնար իր գործունէութիւնը դադրեցնել, եւ որովհետեւ հայրապետական հրամանով Տփղիսի առաջնորդութենէ արձակուած չէր, եւ տեղը ուրիշ մը նշանակուած չէր, կը շարունակէր Տփղիսով ալ զբաղիլ, եւ իբր Տփղիսի առաջնորդ Էջմիածինի գործերով ալ հետաքրքրուիլ: Մինչեւ իսկ երբ 1829-ի սկիզբները կը վախճանէր Աստրախանի առաջնորդ Գառնակերեան Յովհաննէս Արքեպիսկոպոսը, իբրեւ Ռուսաստանի առաջնորդ այն վիճակն ալ իրեն յանձնելու համար կը դիմէր Եփրեմի (ԵՐՑ. Ա. 534), եւ հաւանութիւն ալ կը ստանար (ԵՐՑ. Ա. 529): Բայց աւելի հետաքրքրական է որ Սինդոն ալ չէր վարաներ իբրեւ ծայրագոյն կառավարչի հոգեւորական գործոց, մանրամասն եւ ընդարձակ տեղեկագիրներ յղել Ներսէսի բոլոր եղելութեանց վրայ, որոնց նմոյշ մը նկատենք 1829 յունիս 30-ին գրուածը (ԵՐՑ. Ա. 517-525), որուն ներքեւ Կարբեցիին ստորագրութիւնն ալ կը կարդացուի: Զի որչափ եւ թշնամի եւ հակառակորդ, չէր կարող դէմ յանդիման պատերազմել Աշտարակեցւոյ հետ, բայց ձեռքի տակէն քսու գրութիւններ կը հասցնէր Պասքեւիչի (ԵՐՑ, Ա, 527-531):

2464. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ԳՈՐԾԵՐ

Պասքեւիչ տեսնելով որ կարեւոր աթոռներու առաջնորդ մնացած ըլլալը, առիթ կընծայէր Ներսէսի ասպարէզը ընդարձակելու, հարկ կը դատէ Տփղիսի եւ Աստրախանի առաջնորդութիւնները իր հլուներուն յանձնել տալ, թէ իրեն գործիքներ ունենալու եւ թէ Ներսէսը ամփոփելու համար: Ռուսեւթուրք պատերազմներէն յաղթական դառնալէ ետքը աւելի եւս համարձակութիւն ստացած, Եփրեմի կը գրէ Աստրախանի համար մէկ մը նշանակել, եւ Կաթողիկոսը հետզհետէ կ՚առաջարկէ Եփրեմ եւ Յովհաննէս Կարբեցի եւ Բարսեղ Կեսարացի եպիսկոպոսները: Պասքեւիչի ծրագիրին չեն համաձայնիր այդ առաջարկները, ուստի նախարարին դիտողութիւն կը գրէ, որ կը պատասխանէ Պասքեւիչի` կաթողիկոսի համաձայնութեամբ ուրիշ մը նշանակել: Այս պատճառով Կարբեցին Տփղիս կը հրաւիրուի, ուր կը գտնուի եւ Արարատեան, եւ երեքին խորհրդակցութեամբ կ՚որոշուի Կարբեցին Տփղիս նստեցնել, եւ Արարատեանն ալ Աստրախան եպիսկոպոսական աստիճանով: Այդ խորհուրդին նպատակը յայտնապէս կը բացատրէ Պասքեւիչ, թէ սորանով Ներսէս արքեպիսկոպոսի ազդեցութիւնը կը նուազի, գուցէ եւ բոլորովին ոչնչանայ: Կարբեցին Էջմիածին կը դառնայ, առաջարկը կը հաղորդէ, եւ Եփրեմ ստիպեալ կը համակերպի, Կարբեցին Տփղիսի առաջնորդութեան կ՚անցնի, եւ Արարատեան Աստրախանի վիճակաւոր կը նշանակուի, եւ Պասքեւիչի եւ անոր հրամաններուն գործադիր Վասիլ Լազարեանի բռնութեամբ, 1830 մարտ 22-ին եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի (ԵՐՑ. Ա. 578-580): Իսկ Ներսէսի կը մնայ Բեսարաբիայի անձուկ սահմանին մէջ ամփոփուիլ, երբ հաշտութիւնը արդէն կնքուած էր, ռուսեւթուրք սահմանագլուխը գծուած, եւ գրաւուելիք գաւառներու կարգադրութեան պատճառանքն ալ տեղի չունէր: Բայց կ՚երեւի որ նախարարութիւնն ալ կը զգածուի Ներսէսը այսչափ ստորացնելուն համար, եւ իբրեւ դարման կը խորհուի գոնէ վիճակը ընդարձակել: Առաջին ժամանակներ Ռուսաստան ամբողջ վիճակ մըն էր եւ աթոռանիստը Աստրախան քաղաքն էր, որ պահ մը Աղուանից կաթողիկոսներուն կը հնազանդէր 2093), բայց Սիմէոն կաթողիկոս` Էջմիածինի աթոռին իշխանութիւնը վերահաստատեց 2094), եւ Արղութեան եւ ինքն Եփրեմ այդ վիճակը հովուեցին: Զաքարեանն ալ այդ պաշտօնը վարեց ատեն մը, բայց վերջապէս 1806-ին միայն Բեսարաբիոյ մէջ ամփոփուեցաւ, եւ այսպէս բովանդակ Ռուսաստանի ընդարձակ վիճակէն փոքր մաս մը զատուած եղաւ, զի Աստրախանի աթոռը միշտ ընդարձակ վիճակ ունէր: Ներսէս իբրեւ Զաքարեանի յաջորդող` Բեսարաբիայի փոքր վիճակով կը մնար, եւ այս դրութիւնն է, որ նախարարութիւնը յորդորեց անոր վիճակը ընդարձակել, եւ բաւական մասեր Աստրախանէ բաժնելով Բեսարաբիայի կցել: Ըստ այսմ Գրիգորուպոլիս, Օտեսա, Խրիմ, Նոր Նախիջեւան, Մոսկուա, Պետրբուրգ իրենց գիւղերով եւ բոլոր հիւսիսային եւ արեւմտեան նահանգները Նախիջեւանի եւ Բեսարաբիայի նոր վիճակին կցուեցան, եւ կայսրն ալ յատուկ հրովարտակով այդ վիճակը յանձնեց Ներսէսի, արձակելով զնա յառաջին պաշտօնէն: Ասով Ներսէս մինչեւ 1830 ապրիլ 23 Տփղիսի առաջնորդ նկատուած կըլլայ, հակառակ Պասքեւիչի խծբծանքներուն, որ նոր կարգադրութեան դէմ ալ անբաւականութիւն յայտնեց գրելով, թէ կցորդելով նորա թեմին Մոսկվան եւ Պետրբուրգը, արդեօք նորան առաւել մեծ ազդեցութեան տէր չե՞ն շինած (ԵՐՑ. Ա. 571):

2465. ԿԱՆՈՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎ

Վերեւ յառաջ բերուած պաշտօնագիրներու քաղուածներուն մէջ ստէպ յիշուեցաւ Էջմիածնի կամ Հայոց եկեղեցւոյ հոգեւոր կառավարութեան համար որոշ եւ հիմնական կանոնագիր մը հաստատել, որուն առաջին յիշատակութիւնը կը գտնենք Պասքեւիչի 1828 նոյեմբեր 16-ի գրութեան մէջ (ԵՐՑ. Ա. 478): Նախարարութիւնն ալ կատարելապէս համաձայն գտնուեցաւ գաղափարին, եւ բնական եւ օրինական ալ էր որ ռուսական կայսրութիւնը գիտնար իր տիրապետութեան ներքեւ նոր մտնող կրօնական գերագոյն իշխանութեան մը ընթացքը: Թէ իր ազդեցութիւնը պաշտպանելու եւ թէ անոր իրաւունքները պահպանելու կրկին նպատակով: Նախարարութիւնը հետամուտ ալ եղաւ թէ իր դիւաններէն եւ թէ ուրիշ աղբիւրներէն տեղեկութիւններ քաղել, իսկ Պասքեւիչ աւելի առաջ ալ քալեց, եւ իր մտադրութեանց համաձայն ծրագիր մը պատրաստելու համար 1829 դեկտեմբերի 26-ին մի առաձինն գաղտնի յանձնաժողով անուանեց Հայոց եկեղեցւոյ գործերի վարչութեան մէջ բարեկարգութիւն մտցնելու նախագիծը կազմելու համար: Ինչ որ այդ մասին աչքի զարնող կէտն է, ոչ թէ գործին էութիւնն է, այլ դիտումին բանաձեւը, եւ առաւել եւս անդամներու անունները, որոնք չորս եղան, Բարսեղ իշխան Բեհբութեան, Սերովբէ վարդապետ Արարատեան, Յակոբ ուսուցիչ Ջրպետեան, եւ Լեհացի աստիճանաւոր Օզկին: Քանի որ Հայոց եկեղեցւոյ սեփական կանոնները պիտի ուսումնասիրուէին, ներքին եւ խորին տեղեկութեանց պէտք կար, եւ բուն հայկական կանոններ եւ աւանդութիւններ պիտի քննուէին, իսկ յառաջ կոչուողներէն, Արարատեան կաթոլիկութենէ եկող մըն էր, Ջրպետեան եւ Օզկին կաթոլիկ էին, եւ Բեհբութեան զինուորական մըն էր եկեղեցական հմտութիւններէ անմասն:

2466. ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎՈՅ ԱՆԴԱՄՔ

Բարսեղ կամ սովորական կոչմամբ Վասիլ Բեհբութեան Տփղիսեցի, որդի էր Յովսէփի, որ Ներսէսի դէմ պայքարի մէջ Դարչիի աջակիցն էր, նախնական կրթութիւնը վրացերէն էր առած, եւ Հայերէն գրել եւ կարդալ չէր սորված, ռուսական ուսումնարանի եւ զինուորական դպրոցի մէջ ալ հայերէնէ անմասն մնաց: Մինչեւ գնդապետութիւն բարձրացաւ եւ զանազան ծառայութիւններ կատարեց, այլ Ներսէսի համակիր եղաւ, ոչ միայն հայերենի աւանդութեամբ, այլեւ անոր համար որ Ներսէսի գործակատարները զինքը շատ նեղեցին, Ներսէսէ փոխ առած վեց հարիւր ռուբլի գումարը դարձնել, կամ գրաւականով ապահովել: Ներսէսի հակառակորդ ըլլալն էր որ յանձնաժողովի անդամակցութեան արժանի ըրաւ զայն, ապա թէ ոչ, ոչ Հայոց գիրը գիտէր եւ ոչ պատմութիւնը, ոչ եկեղեցական օրէնքները եւ ոչ ծէսերը: Սերովբէ Արարատեան Կարնեցի, տղայութենէ Հռոմ ղրկուած էր, ուր Լատին եկեղեցականութեան ուսումը միայն առեր էր, եւ ետքէն Մէրտինի Հայ կաթոլիկ կուսակրօն քահանայ էր ձեռնադրուած, բայց Պաղտատի եւ Մէրտինի հայ կաթոլիկներուն մէջ երկպառակութեան պատճառ ըլլալուն երեսէ թողուեր, եւ անգղիական հիւպատոսին ապաւիներ: Այդ պարագայից վրայ Եփրեմի կը դիմէ հայ եկեղեցւոյն մէջ ընդունուելու համար: Եփրեմ կը հաւանի եւ կը յանձնարարէ որ Պաղտատ վախճանած Հնդկաց նուիրակ Վրթանէս վարդապետի գոյքերը եւ թողօնը միասին բերէ: Եւ Սերովբէ մինչեւ Պայազիտ կու գայ իբրեւ անգղիական հիւպատոսարանի պաշտօնեայ, եւ անկէ Էջմիածին հասնելով 1811-ին կ՚ընդունի վեղար ու փիլոն եւ վարդապետական գաւազան (ԵՐՑ. Ա. 552): Այդ միջոցներուն Ներսէսեան եւ Լազարեան դպրոցներու խօսքերը կը դառնային, եւ Սերովբէ իբր լեզուագէտ նկատի կ՚առնուի, բայց Ներսէսի հետ չհամաձայնելով Լազարեանց կը յարի: Ասպարէզը ընդարձակելու ձգտումով Ղազարոս Լազարեանի հետ Պարսկաստան կ՚երթայ պատերազմի ժամանակ, ռուսեւթուրք պատերազմին կը ծառայէ եւ զանազան անցուդարձերէն ետքը իրեն փայլուն ապագայ մը ճարելու համար Կարբեցիի եւ Պասքեւիչի կողմը կը յարի, եւ Ներսէսի դէմ հակառակութեանց գործիք կը դառնայ, ինչպէս արդէն զանազան պարագաներու մէջ յիշեցինք: Լատին եկեղեցական կրթութիւն ստացած ըլլալով եւ Մխիթարեանց աշակերտն չըլլալով, թէպէտ կը սիրէր այսպէս հռչակուիլ (ԵՐՑ. Ա. 550), շատ հմուտ չէր բուն հայկական ուսմանց եւ կանոնաց, կամ թէ միայն կաթոլիկական հակահայկական սկզբունքներով էր տոգորուած: Յակոբ Շահան Ջրպետեան, հայ կաթոլիկ աշխարհական, Փարիզի մէջ հայ լեզուի ուսուցիչ էր, երբ 1814-ին փափաքեցաւ Լազարեան ճեմարան փոխադրուիլ, այլ չյաջողելով, գուցէ Արարատեանի եւ Սալլանթեանի ներկայութեան պատճառով, 1824-ին Ներսէսեան վարժարանը մտաւ, իր գաղղիացի տիկնոջ հետ վարժարանի վերնայարկը բնակութիւն ստացաւ, եւ կանոնաւոր աշխատեցաւ քանի Ներսէս ներկայ էր: Անոր Բեսարաբիա մեկնելէն ետքը վճարմունքներու խնդիրներ ունեցաւ Ներսէսի գործակատարներու հետ, անոնք պարտաւորցնելու համար Պասքեւիչի դիմեց, եւ Արարատեանի միջնորդութեամբ հովանաւորութեան արժանացաւ, եւ Ներսէսի հետ հակառակութիւնը իրեն արժանիք սեպուեցաւ յանձնաժողովին անդամակցելու: Իսկ Լեհացի կաթոլիկ Օզկինը, ոչ ազդով եւ ոչ կրօնքով Հայերու մօտաւորութիւն ունէր, եւ ոչ Հայոց մասին բան մը գիտէր. ուստի միւսներուն համակերպելու պարտաւոր էր, իրեն յատուկ պաշտօն ունենալով ռուսերէն խմբագրութեան քարտուղարութիւնը: Այս յանձնաժողովն էր որ Հայոց եկեղեցւոյ կազմական եւ վարչական ծրագիրը պիտի պատրաստէր, զոր եւ 1830 մարտին սկզբները Պասքեւիչի ներկայացուց, եւ նա ալ մարտ 20-ին Բլուտովի ուղարկեց, պատրաստողներուն համար յատուկ վարձքեր ալ առաջարկելով: Այս ծրագիրն է որ 1836-ի Պօլօժէնիէին հիմը կազմեց, ուստի պատմութեան կարգին կը թողունք պատշաճ տեղեկութիւնները եւ կանոնագրութեան վերլուծումը տալ:

2467. ՂՐԻՄԵՑԻԻ ԾՐԱԳԻՐԸ

Ժամանակակից իրողութիւններու կապը պահելու համար այժմէն պէտք կը զգանք յաւելուլ, թէ Սինոդի մէջ ալ կանոնադրութեան խնդիրը իր արձագանքը ունեցաւ, բայց ոչ թէ յանձնաժողովի գործէն տեղեկութիւն ունենալով, այլ միայն ընդհանուր զրոյցներու հետեւելով: Սինոդը կաթողիկոսի հաստատութեամբ, 1830 յունուար 1-ին տասն յօդուածներով ներքին կանոնագիր մը կազմած էր գրագիրներու մասին (ԴԻՒ. Բ. 247-250), որպէսզի առաւել կանոնաւոր յառաջեն դիւանական գործողութիւնները: Դիւանի պետն էր Յովհաննէս վարդապետ Ղրիմեցին, որ անդամի եւ ատենադպիրի եւ թարգմանի պաշտօնները միանգամայն կը վարէր, եւ այս առթիւ իրեն օգնական տրուեցան Յովհաննէս վարդապետ Շահխաթունեան Շահրիարցի, եւ Դիոնեսիոս վարդապետի յանձնուեցաւ կաթողիկոսի մասնաւոր քարտուղարութիւնը: Ղրիմեցին ալ կանոնական կէտերու ամփոփումը կազմած է, ի հարկէ ոչ առանց Սինոդի գիտակցութեան, եւ 1830 մարտ 20-ին, Պասքեւիչին իրեն պատրաստել տուածը ղրկելու օրը, անգիտակից զուգադիպութեամբ, Ղրիմեցին ալ Դեմետր Բլուտովին յղած է իր կազմած ծրագիրը, որուն Առաջնական ձեւակերպութիւն կարգադրութեան անունը տուած է: Յառաջաբանին մէջ կը յայտնէ մայրաթոռոյ վարչութեան կանոնաւորելուն պէտքը, եւ գիտելով որ բոլոր եկեղեցիներու կարգերը իրարու նման են, իր առաջարկը համեմատած է ռուսական եկեղեցական գործերի համար տպուած կանոնադրութեանց հետ: Ծրագիրը երկու մասի բաժնւած է, մէկը Հայոց եկեղեցականների իրաւունքների եւ պաշտօնների որոշումը, իսկ միւսը տաճկաբնակ Հայերի Էջմիածնի աթոռի հետ միաբանելու միջոցները: Երկու մասերուն համար կանոնադրութիւններ պատրաստուած են հետեւեալ սկզբունքներու վրայ հիմնուելով. 1. Կաթողիկոսին ապահովել բաւական իշխանութիւն նորա աստիճանին վայելուչ: 2. Ունենալ բարձրագոյն խորհրդարան, զոր յարմար չի տեսներ սինոդ կոչել: 3. Էջմիածնի վիճակը վերապահել կաթողիկոսին: 4. Յայսկոյս Կովկասի գաւառները երեք վիճակի վերածել: 5. Էջմիածնի մէջ ունենալ Օբէր-Պրոկուրոր, եւ վիճակներու մէջ Պրոկուրոր: 6. Վիճակներու մէջ հաստատել դպրոցներ եւ հոգետուններ: 7. Հայոց եկեղեցիները եւ վանքերը իրենց վաղեմի կարգերով կառավարել: Իսկ երկրորդ մասի համար կը դիտէ թէ Տաճկահայք Էջմիածինէ խզուած են անոր վատթար մատակարարութեան եւ անդամներու անմիաբանութեան եւ ոչ մաքուր բարոյականութեան համար եւ ծրագիրը կը հիմնէ հետեւեալ սկզբունքներու վրայ. 1. Հայոց եկեղեցիներուն ապահովել ռուս եկեղեցիներու համահաւասար իրաւունք եւ արտօնութիւն. 2. Օտարահպատակ Հայերուն ձրի ձեռնդրութիւն տալ եւ միւռոն բաշխել. 3. Ստէպ հովուական կամ ընդհանրական թուղթեր յուղարկել անոնց. 4. Անոնցմէ արժանաւոր եկեղեցականները լանջախաչով եւ փիլոնով եւ մատանիով վարձատրել: Այս հիմքերով կարգաւորած առաջնական ձեւակերպութիւնը կը մատուցուի օտար դաւանութեանց նախարար Բլուտովի, այլ պատճէնը յառաջ բերուած չենք գտներ: Ղրիմեցին կը յայտարարէ թէ Արարատեան եւ Ջրպետեան իրեն աշխատակցած են, եւ այս մտածել կու տայ թէ պետական յանձնաժողովը ջանացած է անուղղակի յարաբերութիւններ ունենալ մայրաթոռոյ պաշտօնեաներուն հետ (ԴԻՒ. Բ. 254-259): Տեղեկութիւնները ամբողջացնելու համար պէտք է աւելցնենք, թէ Տաճկահայոց Էջմիածինէ խզումը իսկապէս ներքին պատճառներէ չէր, այլ ռուսեւթուրք պատերազմը, եւ Էջմիածինի ամենայն եռանդեամբ Ռուսաց օգնելը, զայն իբրեւ Օսմանեան պետութեան հակառակորդ նկատել տուած էր, եւ մինչեւ իսկ կաթողիկոսի անունին յիշատակութիւնը զանց կ՚ըլլար պատարագի եւ ժամերգութեան մէջ:

2468. ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԻ ՁԱՅՆԵՐ

Երբ վերջին հատուածներով պատմուած անցուդարձերը կը կատարուէին, Եփրեմ իր տկար եւ գրեթէ անգործ վիճակին մէջ կը շարունակէր, եւ որ եւսն է զինքն ամէն կողմէ լքեալ զգալով, եւ վիճակաւորներու վերջին կարգադրութեամբ Ներսէսի Տփղիս կամ Էջմիածին դառնալուն հաւանականութիւնը վերցուած տեսնելով, որոշեց վերջնականապէս հրաժարիլ, եւ աթոռոյ պարապութեան հիմամբ նոր ընտրութիւն կատարել տալ: Եփրեմի կը վերագրուի այն միտքը թէ ինքն լիովին վստահ էր թէ Ներսէս կը լինի միաբանութեան ընտրելին, եւ այս կերպով իր առաջին միտքը իրականացնել կը կարծէր: Եթէ իրօք Եփրեմ այդ համոզումը ունէր, պէտք է ըսել թէ բոլորովին խաբուած էր զինքը շրջապատողներէն, եւ թէ անտեղեակ էր Պասքեւիչի ուղղութեան եւ իրեն համամիտ եւ գործակից նախարարութեան, որոնք վճռապէս կը խորշէին Ներսէսը բարձր եւ ազդեցիկ դիրքի վրայ տեսնել: Նոյնիսկ հայկական կեդրոնին մէջ չէին թողուր, զի կը խիթային որ այն կարողութիւնն ու արդիւնաւորութիւնը, զոր Ռուսաց տիրապետութեան համար ցուցուց, ազգային իրաւանց եւ պահանջից համար ալ գործածէ, ինչպէս առիթ ունեցանք անգամ մը դիտել տալ 2458): Պասքեւիչ յայտնապէս գրած էր նախարարութեան, որ եթէ Էջմիածնի աթոռին վրայ անկամ եւ անկար եւ պետական առաջարկներու հաճոյակատար գործադիր մէկ մը ունենալ կուզուի, դա Կարբեցին է: Իսկ եթէ կամքի եւ մտքի տէր եւ իր աթոռին եւ եկեղեցիին եւ ազգին շահերուն հետեւող մը ունենալ կը ներուի, այն ատեն միայն Ներսէսը ընտրելի ընել: Կարբեցին գիտակ Պասքեւիչի իրեն ցուցուցած հովանաւորութեան, իր առաջնորդական ընտրութեան հաստատութիւնը չառած 1830 յունիսին եկած էր Տփղիսի եւ պաշտօնին ձեռք զարկած, եւ առաջին գործ ըրած Ներսէսի հաշուական եւ շինարարական գործերը քննութեան ենթարկել, եւ Ներսէսի գործակատարներէն, Արծրունիէն եւ Շիրմազանեանէն հաշիւ պահանջել, եւ կրպակներու եկամուտը Ներսէսեան վարժարանին զլանալ: Գործը ձեւ մը չառած Գէորգ Արծրունի հնտախտէ կը վախճանի, որ տակաւ կ՚ընդարձակուէր, եւ Կարբեցին Էջմիածին կ՚ապաւինի, բայց սեպտեմբեր 17-ին նորէն Տփղիս կը դառնայ, առաջնորդական պետական հաստատութիւնը ստանալէն ետքը: Այս անգամ Ալամդարեանը կը նեղէ վիճակային հաշիւներու համար, եւ երբոր նա հաշիւները Ներսէսի ղրկած ըլլալը կը պատասխանէ, Պասքեւիչի ձեռքով Էջմիածին կը ղրկէ սաստիկ պատժուելու համար: Ալամդարեան կը պարտաւորի մեկնիլ, բայց Տփղիսեցիք ետեւէն խնդրագիր կը ղրկեն կաթողիկոսին, որ եպիսկոպոսական աստիճանով վերադարձնէ վարժարանին եւ վիճակին համար: Ալամդարեան հոկտեմբեր 3-ին Էջմիածին հասաւ, եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան արդէն խօսք չէր կրնար ըլլալ, բայց իրեն տուած տեղեկութիւնները եւս քան զեւս ազդեցին Եփրեմի վրայ, որ մարմնով տկար, սակայն խելքը տեղն էր եւ առողջ դատողութիւնը չէր կորցրած, սարսափելով նայեց ապագայի վրայ, եւ անգամ մը եւս հաստատուեցաւ հրաժարականը փութացնել: Իրօք ալ քանի մը օր ետքը, հոկտեմբեր 8-ին, Խաչի չորրորդ չորեքշաբթին, յանձնեց Սինոդին իր հրաժարականին բացաձայն ծանօթութիւնը (ԵՐՑ. Ա. 602):

2469. ԵՓՐԵՄԻ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ

Այդ հրաժարականը, որ մեծ կարեւորութիւն ունի իբր պատմական եւ իբր կանոնական վաւերագիր, գրուած է լուրջ եւ վեհ ոճով: Սուրբ գրոց խօսքերով կը սկսի խօսիլ պաշտօն ունեցողին, պաշտօնը կատարելու վիճակի մէջ ըլլալուն վրայ, եւ յետոյ իր վիճակը նկարագրելով, կ՚ըսէ թէ է անցեալ զաւուրբք, եւ իրօք ալ ութսնամեայ էր, եւ տուայտեալ լի ցաւովք, խլացեալ ականջօք եւ վատեալ ի տեսողականութենէ: Թէպէտեւ, կըսէ գտանի դեռ յիս ամբողջութիւն մտաց եւ ուշիմութեան, բայց յառաջ բերելով կանոնական յօդուածը թէ քահանայ ծերացեալ եւ ախտակրեալ լռեսցէ ի պատարագէ, խիղճը հանդարտեցնելու համար կը հրաժարի եւ կնիքն ալ կը յանձնէ այժմէն, եթէ ուզեն, վերջապէս աւելի բացատրութիւն ուզողները կը հրաւիրէ որ գան եւ բերանացի լսեն: Ստորագրած է, իբր անունեալ կաթողիկոս ամենայն Հայոց, Եփրեմ (ԵՐՑ. 602-606 եւ ՄՍՐ. 216-220): Սինոդը հարկաւ օրը օրին վերջնական որոշման մը չէր կրնար յանգիլ, մանաւանդ որ Եփրեմ պետութեան ալ դիմում ընելու համար իրեն մօտ հրաւիրած էր Իշխան Վասիլ Բեհրութեանը, որ ծրագիրի անդամակցութենէն ետքը 2466), իբրեւ վարձարտրութիւն Երեւանի կամ Հայկական երկրի նահանգապէտ էր անուանուած: Բեհբութեան հոկտեմբեր 11-ին Էջմիածին հասաւ եւ Եփրեմի հետ մասնաւոր տեսակցութիւններ ունեցաւ, եւ Սինոդին հետ ալ խորհրդակցեցաւ (ԵՐՑ. 607), եւ Բեհբութեան ու Սինոդ հրաժարականի ընդունելութեան կողմը հակեցան: Հոկտեմբեր 15-ին Սինոդը Եփրեմի գրեց թէ ցաւով կը լսէ իր վերջնական հրաժարագիրը, բայց կը խնդրէ որ կնիքը իր մօտը մնայ մինչեւ որ նոր օծեալը նստի (ԴԻՒ. Բ. 262-265): Իսկ 16-ին որոշուեցաւ Սինոդականներուն թիւը տասնի բարձրացնել, առժամեայ վարչութեան ձեւը տալով, եւ անդամներն եղան, Մարտիրոս Տեղապահ, Յովհաննէս Կարբեցի, Սահակ, Փիլիպպոս, Գրիգոր, Ստեփանոս, եւ միւս Ստեփաննոս եպիսկոպոսներ, եւ Յովսէփ, Ղուկաս ու Յովհաննէս վարդապետներ: Բեհբութեան Պասքեւիչի հաղորդեց հոկտեմբեր 19-ին իր քննութեանց հետեւանքը, թէ Եփրեմ կաթողիկոս ինքնակամաբար հրաժարուում է իր տկարութեան պատճառով, եւ իբրեւ գլխաւոր պատճառ կը ցուցունէ եւս, որ Տաճկահայեր Էջմիածնի կողմէ կաթողիկոսական գործունէութեան դադարումը տեսնելով, սկսած են Սիսէ ձեռնադրութիւն եւ միւռոն առնել: Սինոդական խորհրդակցութեանց մէջ որոշուած էր նախապէս թէ կաթողիկոսներ կրնան հրաժարիլ, իսկ նոր ընտրութեան համար որոշեց հրահանգի սպասել, թէ անմիջապէս ընտրե՞ն, թէ ոչ արտօնութեան սպասե՞ն, կամ թէ մէկ մը ընտրե՞ն, թէ ոչ երկու ընտրելի առաջարկե՞ն (ԵՐՑ. Ա. 606-609): Միեւնոյն օր Բեհբութեան մասնաւոր նամակով կը հաղորդէ Պասքեւիչի թէ ընտրութեան պէտք չէ աշխարհականները մտցնել, թէ Կ. Պոլսոյ պատրիարք Ստեփանոս Աղաւնին անյարմար ընտրելի է, թէ ստոյգ ընտրելին Յովհաննէս Կարբեցին է, թէ երկու ընտրելի ցուցունելու առթիւ պիտի գրուի Մարտիսրոս տեղապահը, 76 տարեկան ցաւագար ծերունի մը, եւ թէ Սինոդը հակառակ է Ներսէսի ընտրութեան: Բեհբութեանի նամակին քաղուածին մէջ սխալմամբ մուծուած կը կարծենք Աղաւնիի անունը, զի 1830 հոկտեմբեր 19-ին նամակին թուականին օրը, տակաւին Կարապետ Պալաթցին պատրիարքական աթոռին վրայ էր, եւ տարի մը եւս շարունակեց մինչեւ 1831 սեպտեմբեր: Իսկ եթէ Կարապետի ակնարկել կ՚ուզուէր, անհիմն էր դեռահասութեան համար (ԵՐՑ. Ա. 610) ընտրելիութենէ դուրս թողուլ անձ մը, որ եօթը տարիէ ի վեր պատրիարքական աթոռը կը վարէր: Բեհբութեան միեւնոյն հոկտեմբեր 19-ին օրը երրորդ նամակով մը Ալամդարեանի խնդիրը կը յուզէ, եւ կը հաղորդէ թէ ոչ միայն ձեռնադրութիւնը խափանուած է, այլեւ վանահայրական անունով Հաղբատ աքսորի յղուած է (ԵՐՑ. Ա. 614-616):

2470. ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՄԱՆ

Պասքեւիչ Բեհբութեանէ ստանալով Եփրեմի հրաժարականը եւ տեղեկագրութեանց նամակները նոյեմբեր 9-ին կը յղէ Բլուտով նախարարին իր կողմանէ ալ աւելցնելով, թէ չէ ուզած ինքնագլուխ ընտրութեան հրաման տալ, ուստի կայսերական հրամանի կը սպասէ եւ միանգամայն Բեհբութեանի թելադրութիւնները կ՚իւրացնէ: Բրուտով գործը նախարարութեան առջեւ հանելէ եւ պատմական յիշատակներ գրգռելէ, եւ զգուշաւորութեանց անհրաժեշտութիւնը շեշտելէ ետքը, դեկտեմբեր 30-ին ընդարձակ եւ պատճառաբանեալ պաշտօնագիրով (ԵՐՑ. Ա. 618-628) Պասքեւիչի կը հաղորդէ գործածուելիք միջոցները եւ ձեռք ձգուելու նպատակը: Այդ նպատակն էր Կարբեցին կաթողիկոսացնել, բայց այն կերպով որ չիմացուի պետական դիտումը. միանգամայն աշխարհականներուն չթողուլ ընտրութիւնը, բայց եւ պահել անոնց միջամտութեան երեւոյթը որովհետեւ թէ հին եւ թէ վերջին ժամանակներու մէջ Հայոց կաթողիկոսները աշխարհական տարրին ձեռքով կամ գործակցութեամբ կամ հաւանութեամբ կամ համաձայնութեամբ աթոռ բարձրացած են: Նպատակին մաս կը կազմէ եւս կայսեր երկու ընտրելիներ ներկայացնելու ձեւը, թէպէտ այս մասին նախօրով դրուած կանոն կամ տրուած որոշում չկայ: Վերջապէս կը յանձնարարուի այնպէս գործել որ օտար երկիրներու մէջ գտնուող Հայեր ընտրեալը չճանչնալու փաստ չունենան, եւ ինչ փառաւորութիւն կամ շքեղութիւն որ աւանդութեամբ կը պահանջուի առատապէս շռայլուի տէրութեան կողմէն: Ըստ այսմ հրահանգ կը տրուի որ նախ Սինոդը ընտրութիւնը կատարէ թեմակալներու եւ գլխաւոր հոգեւորականներու հետ եւ Եփրեմի նախագահութեամբ: Ասոնց ընտրածները թեմական հոգեւորականներու եւ աշխարհական տարրին, այսինքն մելիքներու եւ եիւզպաշիներու եւ ականաւոր անձերու հաւանութեամբ հաստատուին, ընտրելիներու անունները օտար երկիրներ ալ լսուին որ կարծիքները իմացուին, նորընտիրը նստելէն ետքը Տաճկաստան եւ Պարսկաստան կոնդակներ յղէ, եւ ռուսական դեսպաններուն յանձնարարուի հաւանութիւն պատրաստել տալ, եւ վերջապէս Կ. Պոլսոյ եւ Ասոյ եւ Ախթամարի եւ Երուսաղէմի աթոռներուն զեկուցուի, թէ եղած կարգադրութիւնները միայն այս անգամուան համար են, ստիպողական պարագաներու եւ պահանջուած զգուշաւորութիւններու պատճառով: Նկատողութեան արժանի է նորընտիրին տրուելիք հրահանգը, որ միշտ Եփրեմի խորհուրդներուն եւ խրատներուն հետեւի: Պասքեւիչի կը մնար այդ հրահանգները գործադրել, եւ գլխաւորապէս Կարբեցին յաջողցնելու համար յարմար գործիչներ որոշել: Բեհբութեան նահանգապետի պէտք եղած հրահանգները տրուեցան 1831 յունուար 26-ի գրութեամբ, ընտրութեան օր որոշելով մարտի 15-ը (ԵՐՑ. Ա. 631), եւ Սերովբէ եպիսկոպոս Արարատեանը իբր յատուկ պաշտօնեայ Էջմիածին յղուեցաւ Եփրեմի ուղղուած յունուար 28-ի նամակով, որով կը ծանուցուէր իր հրաժարականին ընդունուիլը, նոր ընտրութեան արտօնուիլը, եւ Արարատեանի յանձնուած պաշտօնը (ԵՐՑ. Ա. 629):

2471. ԸՆՏՐՈՂԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Արարատեան 1831 փետրուարի առաջի օրերը Տփղիսէ մեկնեցաւ, 12-ին Երեւան հասաւ, եւ 13-ին Բեհբութեանի հետ Էջմիածին եկան, եւ շաբաթ մը միասին աշխատեցան միաբաններուն միտքերը պատրաստել: Հաճոյանալու եւ շոյելու, սպառնալու եւ ահացնելու ամէն միջոցները գործածեցին, զի քիչ չէին Ներսէսի կուսակիցները եւ Կարբեցին վտանգաւոր կարծողները: Գերագոյն փաստն եղաւ թէ Պասքեւիչի ցանկութիւնը չկատարել տէրութեան կամաց հակառակել է. ինչ որ ի հարկէ ոչ ոք չէր կամենում: Փետրուար 17-ին սկսան հրաւիրագիրներ ցրուել մարտ 15-ին գումարման, եւ 20-ին Բեհբութեան Երեւան դարձաւ Արարատեանն ալ միասին տանելով, զի մի' գուցէ հնարքներ գործ դնէ յօգուտ իւր անձին: Փետրուար 25-ին սկսան հասնիլ հրաւիրագիրը ընդունելէ առաջ ճամբայ ելլողներ: Առաջին եղան Կարապետ Կարնեցին նախկին Կարնոյ եւ այժմ Տայոց կամ Ախլցխայի գաղթականներուն առաջնորդ, եւ Ստեփանոս Խաժակնեան նախկին Կարսի եւ այժմ Կիւմրիի գաղթականաց առաջնորդ եւ Նիկողայոս վարդապետ Նախիջեւանի պարսկահայ գաղթականաց առաջնորդ: Հետզհետէ հասան Սիմէոն եպիսկոպաս Տաթեւի, Սիմէոն եպիսկոպոս Ագուլիսի, Սարգիս վարդապետ Նախավկայի, Յովհաննէս վարդապետ Սեւանայ, Գրիգոր եպիսկոպոս Մանուչարեան Շամշատինի, եւ Իսահակ վարդապետ Երեւանի վանահայրներ: Ասոնց հետ նաեւ Մինաս Եպիսկոպոս Շամախու առաջնորդ, Սուքիաս վարդապետ Կարնեցի, Յարութիւն վարդապետ Շնողնեցի Սանահնի վանահայր, Մխիթար Բեթղեհէմի եւ Աբրահամ Աբումելիքեան Մողնու եկեղեցիներու աւագերէցներ, եւ ուրիշ պատուաւոր քահանաներ շրջականերէ: Հրաւիրագիրներ չստացան եւ չեկան, Բաղտասար Ղարաբաղի մետրապոլիտ, Սիմէոն Բզնունի եպիսկոպոս, եւ առհասարակ Ներսէսի համակիր եւ Կարբեցիին հակակիր բարձրաստիճան եկեղեցականներ: Աւելորդ պիտի ըլլայ ըսել թէ Ներսէսն ալ չհրաւիրուեցաւ, իսկ Կարբեցին մարտի 8-ին Տփղիսէ հասած էր իր հետեւորդներով: Մարտ 14-ին Երեւանէ դարձան Բեհբութեան եւ Արարատեան, եւ 15-ին մեծպահոց երրորդ կիրակին, Անառակի յիշատակին ընտրողական ժողովը գումարուեցաւ առաւօտեան պաշտամունքէն եւ ճաշէն ետքը, ժամը 3-ին արեւելեան ժամահաշուով, կաթողիկոսարանի Ծաղկեալ Դահլիճին մէջ, Եփրեմի նախագահութեամբ եւ Բեհբութեանի ներկայութեամբ: Բացման ատենաբանութիւնը Եփրեմ պատրաստած էր, եւ Յովհաննէս Ղրիմեցի ատենադպիր վարդապետը կարդաց (ԴԻՒ. Բ. 267), Արարատեան ալ խօսեցաւ ընտրութեան վեհութիւնը եւ կարծեաց ազատութիւնը բացատրելով, բայց ընտրողական գործողութիւնը յաջորդ երկուշաբթի օրուան թողուեցաւ: Նոյն օր երեկոյ, ինչպէս նախընթաց օրը, Բեհբութեան նոր դժուարութիւններու հանդիպեցաւ Կարբեցիի անհամակիրները զսպելու, մինչեւ իսկ սաստիւ լռութիւն եւ զգուշաւորութիւն հրամայելու հասաւ, որով յաջորդ օրուան 1831- ի մարտ 16-ին նոյնպէս Ծաղկեալ Դահլիճի մէջ կայացած գումարումէն ցանկացուած ելքը ստացուեցաւ, եւ Մարտիրոս Տեղապահ եւ Յովհաննէս Կարբեցի ընտրելի նշանակուեցան շնորհիւ իշխան Բեհբութեանի այն գիշեր ձեռք առած կտրուկ միջոցներին (ԵՐՑ. Ա. 638): Ձայները հաւաքուեցան նախ աւագներէն ապա կրտսերներէն, ամենէն վերջը դահլիճ մտաւ Եփրեմ, ինքն ալ հաւանեցաւ եւ պահպանիչն ալ ըսաւ երկու ընտրելիներուն վրայ: Հարկաւ շատ յօժարութեամբ տուած պիտի չըլլայ իր օրհնութիւնը, սակայն միտքը բերած կ՚ըլլայ ինչ որ բացման ճառին մէջ ըսած էր, թէ Իսահակ Եսաւի տեղ Յակոբը, եւ Յովսէփ Մանասէի տեղ Եփրեմն էր օրհնած: Ընտրութեան ատենագրութիւնը կազմուեցաւ Արարատեանի առաջնորդութեամբ եւ Ղրիմեցիի ձեռքով, եւ մարտ 20-ին հիգշաբթի օրուան երրորդ գումարման մէջ ամէնքն ալ ստորագրեցին եւ Եփրեմի վաւերացնել տուին, եւ ժողովը փակուեցաւ, եւ հրաւիրեալներ հետզհետէ իրենց տեղերը մեկնեցան:

2472. ՆԵՐՍԷՍ ԵՒ ՀԱՄԱԿԻՐՆԵՐ

Կատարուած ընտրութեան ձայնը շուտով տարածուեցաւ, մանաւանդ որ միտքերը շինելու համար տարածելու ալ փափաք կար, եւ թեմերու հոգեւորականներուն եւ աշխարհականներուն ալ պարտք կար հաւանութիւնն ստանալ ինչպէս պայման դրուած էր, եւ այս միտքով յայտարարական գրութիւն անունով ցրուեցան ատենագրութեան պատճէնները: Շատ տեղերէ հաւանութեան ստորագրութիւններ հասան կամ պահանջուեցան եւ առնուեցան, սակայն քանի ուրիշ տեղերում Հայոց բարձրագոյն եւ զարգացեալ դասակարգը հրաժարուեցաւ ձայն տալու յօգուտ Կարբեցւոյ, եւ թէեւ նոցա սպառնալիքներ շատ եղան բայց նոքա յամառեցան (ԵՐՑ. Ա. 640): Այդ մասին աւելի ասպարէզ եկան Տփիղեսցիներ, եւ թէպէտ իրենցմէ մի մասը ակամայացեալ եւ ստիպմանց կոմսին Պասքեւիչի ստորագրեցին, բայց եւ մնաց զօրաւոր խումբ մը, այնպէս որ փոքր միւս եւս յերկուս դասս բաժանել ունէր ժողովուրդն, այն է ի Ներսիսեան եւ ի Յովհաննիսեան (ՄՍՐ. 142): Նեսիսեաններ կը սպասէին որ Ներսէս ինքն առջեւ անցնի, խօսի եւ գրէ, դիմէ եւ պահանջէ անտեղի ընտրութեան ոչնչացումը, մնչեւ իսկ մտերմաբար կշտամբում էին արհւոյն Ներսէսի, որ նա թոյլ է տալիս յաղթուել Պասքեւիչից, լռում է եւ թողնում է որ Կարբեցին ձեռք բերէ կաթողիկոսական աթոռը (ԵՐՑ. Ա. 640): Բայց Ներսէս հանդարտ էր եւ անյողդողդ, նա լիովին գիտէր անցուդարձերը, պետական եւ կուսակցական դարձուածները, եւ իրեններուն հանդարտութիւն եւ լռութիւն կը յանձնարարէր բազմաթիւ նամակներով, եւ չէր կրնար յանձն առնուլ որ իր անունով նորոգուին Դաւիթ Դանիէլի անցքերը, որ այնչափ վնասակար եղած էին եկեղեցւոյն եւ ազգին: Իր անձին նկատմամբ ալ հաստատուն հաւատացեալի համոզմամբ կը յայտարարէր, լռեմ ես զի խօսեսցի Աստուած (ԵՐՑ. Ա. 642), եւ մարգարէին խօսքերը կը կրկնէր, բարկութեան Տեառն համբերի, զի մեղայ նմա, մինչեւ արդարացուսցէ զդատաստան իմ եւ արասցէ ինձ իրաւունս, եւ հանցէ զիս ի լոյս, եւ տեսից զարդարութիւն նորա, եւ տեսցէ թշնամին իմ, եւ ծածկեսցէ զնա ամօթ (ՄԻՔ. Ե. 9): Այսպէս կը գրէր Ներսէս 1831 մարտ 20-ին, եւ միեւնոյն օր նոյն վեհ եւ քրիստոնէական սկզբունքները Յարութիւն Ալամդարեան վարդապետի ալ կը կրկնէր, որ իր Հաղբատի առանձնութենէն գանգատանաց եւ անհամբերութեան գիրեր կը ղրկէր. Եւ եթե գիտիցես թէ իրաւունք մեր գտանին դատապարտեալք եւ ո'չ անիրաւութիւնք, ընդէ'ր ոչ որպէս ամենաբարեպաշտ քրիստոնեայ զանձինս մեր չունիցիմք համարիլ ամենայն երկայնամտութեանց եւ պսակաւոր համբերութեանց: Ներսէս իր այդ զգացումներով շատ աւելի մեծ եւ բարձր կ՚երեւի գնահատողին աչքին, քանի իր արիական եւ ժիրաժիր գործուեութեամբը եւ լռել կը ստիպուին անոնք որ Ներսէսի արդիւնքը չկարենալով խծբծել, անոր միտքը կը ջանային քննադատել եւ մեղադրել: Ներսէս իր հաւատքին լրումն ալ արժանացաւ տեսնել, զի Յովհաննէսէն աւելի ապրեցաւ եւ կաթողիկոսական գահն ալ բարձրացաւ:

2473. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԼԱՄԴԱՐԵԱՆ

Ալամդարեանը յիշեցինք իբրեւ Ներսէսին մտերիմը եւ անոր պատճառով հալածուածը 2469), որուն չէր ալ ներուեր որ գոնէ Բեսարաբիա քաշուի Ներսէսի մօտ: Զրոյց մըն ալ կը շրջէր ականջէ ականջ, թէ Կարբեցին Էջմիածինէ Տփղիս գալուն առթիւ Հաղբատի մօտ Շուլավէր գիւղը, Ալմադարեանը կոչելով դեղ մահու արբուցեալ իցէ նմա: Շշուկը լռեցնելու միտքով Կարբեցին մայիս 22-ին կը հրամայէ Ալամդարեանին Էջմիածին երթալ, այլ սա խիթալով որ չարագոյն ինչ պատահի այն տեղ, զի խնդրէ որ ներուի Հաղբատ մնալ վասն դժնդակութեան օդոյն Էջմիածին (ՄՍՐ. 143): Կարբեցին անողոք իր որոշման մէջ, Արարատեանէ եւ Ջրպետեանէ ալ գրգռուած, վճռագիրի պատճէն մը պատրաստել կու տայ Սինոդին յղելու, որով Ալամդարեան իբր դատուած եւ դատապարտուած` Ս. Հռիփսիմէի վանքը արգելական պիտի բանտարկուէր: Մանուէլ վարդապետ Շահինեան Կիւմիւշխանացին ի զուր կը ջանայ Կարբեցին ողոքել, եւ նոյնիսկ Ներսէսի օրինակով զայն հանդարտութեան յորդորել, այլ Կարբեցին պետական իշխանութեան կը գրէ ոստիկանական հսկողութեամբ Ալամդարեանը Էջմիածին փոխադրել: Սակայն այդ միջոցին Ներսէս, մայիս 12-ին, երկար գրութեամբ մը դիմեր էր Բլուտովին, եւ իր կատարած ծառայութիւնները թուելով իբրեւ գոհունակութեան վկայութիւն խնդրեր էր, որ իր հին պաշտօնեաներ եւ գործակիցներ, Սիմէոն Բզնունի եպիսկոպոս եւ Յարութիւն Ալամդարեան վարդապետ, որ իր պատճառով հալածանաց ենթարկուած են, իրեն ղրկուին, Բզնունին իբրեւ Խրիմի վանքին եւ թեմին կառավարիչ, եւ Ալամդարեանը վիճակին ամէն կողմերը իր յանձնարարութիւնները կատարող: Նախարարը արդարացի գտնելով Ներսէսի խնդրանքը, եւ միւս կողմէն անոր հանդէպ փոքրիկ բարեացակամութիւն մը ցուցնել ուզելով, կայսերական արտօնութեամբ հրամայեց երկուքին ալ Բեսարաբիոյ վիճակ Ներսէսի մօտ յղել, եւ հրամանը հաղորդեց Տփղիս, եւ յուլիս 21-ին Ներսէսի ալ պատասխանեց: Հրամանը Տփղիս հասաւ երբ Կարբեցին Ալամդարեանի բռնի Էջմիածին տարուիլը խնդրած էր, բայց բարձրագոյն հրամանին համաձայն եղաւ գործադրութիւնը, եւ Բզնունին ու Ալամդարեանը յուլիս 25-ին Տփղիսէ մեկնեցան դէպի Բեսարաբիա (ՄՍՐ. 145): Բլուտովին պատասխանին մէջ գրուած էր, որ երկուքն ալ նախապէս իրենց հաշիւները ներկայեն, բայց կ՚երեւի թէ Կարբեցին այլեւս այդ կէտին վրայ պնդած չէ, եւ ուղեւորութիւնը ուշացնելու առիթ տուած չէ, զի համոզում ալ գոյացուցած պիտի ըլլայ թէ ամենայն ինչ կանոնաւորութեամբ կատարուած է:

2474. ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ

Ընտրողական գործողութեանց վաւերական ատենագրութիւնը Բեհբութեան Սինոդէն ստանալով հասոյց Պասքեւիչի, որ ըստ ընկալեալ հրահանգին ուզեց ժողովուրդի կարծիքը հաւաքել երկու ընտրելիներու, Մարտիրոսի եւ Յովհաննէսի մասին, եւ երկիջեան թերթեր պատրաստուեցան երկուքի անուններով, որպեսզի քաղաքներու եւ գլխաւոր տեղերու համայնքներ ստորագրեն այն էջը որուն անունը կը նախադասեն: Այս թերթերը դեռ շրջագայութեան մէջ էին ապրիլի կէսին, երբ Պասքեւիչ հրաման ստացաւ Պետրբուրգ երթալ: Իսկոյն իրեն փոխանորդ նշանակեց Պանկրատիէվ զօրավարը, եւ անոր ձեռք գրաւոր հրահանգ մըն ալ յանձնեց ապրիլ 24 թուականով, թէ ինչ կերպով պիտի վարէ Հայոց գործերը, եւ յատկապէս յանձնարարեց Կարբեցիի ընտրութիւնը ամրացնել (ԵՐՑ. Ա. 654-657): Քիչ ետքը մեկնեցաւ Պասքեւիչ, եւ Պանկրատիէվ էր գործին գլուխը երբ Կարբեցի Ալամդարեանի բռնի առաքումը կը խնդրէր 2473): Բնական էր որ համայնքներու մեծամասնութիւնը Յովհաննէս նախադասէր ծերացած եւ ցաւագար Մարտիրոսին, եւ այդ արդիւնքը Պանկրատիէվ հաղորդեց Պետրբուրգ նոյն ինքն Պասքեւիչի, որուն փոխանորդութիւնը կը վարէր: Պասքեւիչ կոչուած էր Լեհաստանի ապստամբութիւնը ընկճելու, զոր յետոյ յաջողութեամբ կատարեց: Իսկ նոյն միջոցին մեծանուն զօրավար Տիրիշի հետախտէ մեռնելուն վրայ անոր յաջորդ նշանակուեցաւ Պասքեւիչ, Կովկասի կառավարչապետութենէն արձակուելով, եւ իրեն վիճակուեցաւ Կարբեցիի հաստատութիւնը խնդրել եւ ստանալ կայսրէն, բան մը զոր արդէն ամէն կերպով պատրաստած եւ կարգադրած էր: Վերջապէս 1831 տարւոյ յունիս 30-ին ստորագրուեցաւ Յովհաննէս Կարբեցիի կաթողիկոսական հրովարտակը, եւ ղրկուեցաւ Պանկրատիէվի հաղորդելու եւ գործադրելու համար, որ սակայն քիչ մը յապաղեցաւ, զի հոկտեմբեր 7-ին Տփղիս հասաւ Պասքեւիչի յաջորդ անուանուած Բարոն Ռօզէնը: Հաստատութեան հրովարտակին հետ առաջին աստիճանի շքանշաններ շնորհուեցան. Եփրեմի Ս. Անդրէի առաքելոյ, Յովհաննէսի Ս. Աղէքսանդր Նեւսքիի, եւ Մարտիրոսի ու Սերովբէի Ս. Աննայի ասպետական կարգերէն: Այստեղ Եփրեմի կաթողիկոսութեան շրջանը փակելով, շարունակութիւնը պիտի պատմենք Յովհաննէս Կաթողիկոսի անունին ներքեւ, հետեւելով հնաւանդ սկզբունքին, որուն համեմատ կաթողիկոսի մը պաշտօնական գործունէութիւնը իր օծումէն կը սկսի:

2475. ՄԻՒՍ ԱԹՈՌՆԵՐ

Բայց չեւ այդ շրջանին մտած օգտակար կը դատենք քաղուածօրէն ամփոփել թէ ինչ վիճակի մէջ կը գտնուէին ազգին միւս աթոռները 1831 տարուոյ երկրորդ կէսին, երբ Մայրաթոռոյ գահակալը կը փոխուէր: Կ. Պոլսոյ մէջ ճիշդ այդ միջոցին 1831 սեպտեմբեր 4-ին Կարապետ Պալաթցի պատրիարքը պաշտօնէն կը հրաժարէր եւ Ստեփանոս Աղաւնի անոր տեղ պաշտօնի կը կոչուէր 2438), որով առաջիկային կը մնայ անոր գործերով զբաղիլ: Երուսաղէմի մէջ Պօղոս Ադրիանուպոլսեցի Ծայրագոյն կառավարիչը 1828 դեկտեմբեր 3-ին տեղը դարձած եւ բոլոր ուշնուրուշը պարտքերու վճարման գործին դարձուցած յաջողութեամբ կը գործէր, ինչպէս որ 1833-ին ալ գլուխ կը հանէր 2452): Սիսի մէջ Կիրակոս կաթողիկոս 1791-ին ընտրուած, եւ 1819-ին իբր ամբաստանեալ Կ. Պոլիս բերուած 2360), զրպարտութենէ մաքրուած 1820 սեպտեմբեր 19-ին Կ. Պոլիսէ մեկնելէ ետքը, 2375), ազատօրէն Սիսի մէջ պաշտօնավարեց մինչեւ 1825 (06. ՕՐԱ. 384): Այս թուականը յետոյ 1822-ի փոխուած է (08. ՕՐԱ. 180) հետեւելով Ալիշանի (ՍԻՍ. 218) բայց ինքն Ալիշան ալ քիչ վարը Կիրակոսը կենդանի կենթադրէ 1824-ին (ՍԻՍ. 222), այնպէս որ մենք, ուրիշ ստուգագոյն աղբիւր ձեռուընիս չունենալով, առ ժամ մի պահեցինք 1825 թուականը: Բայց ձեռագիր յիշատակարան մը (ՀԱՒ. 125) կը գրէ, որ թէպէտ Կիրակոս անգամ մը ազատեցաւ ի մահուանէ օգնականութեամբ ազգին եւ պատրիարքի տեառն Պօղոսի Ադրիանուպոլսեցւոյ, բայց ի վերջոյ դեղով թիւնոյ Խոզանեան Ալի պէկի սպանաւ յԵնիգիւղ, Հայոց ՌՄՀԲ ի շաբաթ օր Խաչվերացի ի նաւակատիսն, որ է 1825 սեպտեմբեր 15, եւ օրով ու տեղով եղած յիշատակութիւն մը նախադասուելու արժանի է: Նոյն յիշատակարանը կը ճանչնայ Կիրակոսը ոչ միայն եղբօրորդի տէր Թէոդորոսի, այլեւ որդի մահտեսի Գրիգորի որով կը ճշդուի Աջապահեանց ճիւղագրութիւնը: Այս վկայութեամբ ալ կը ստուգուի թէ Կիրակոս Ա. Աջապահեան մեծ մակդիր անունը ստանալու արժանացած, իր նախորդներու նման ինքն ալ Քօղանօղլու բռնապետներէն դեղակուր սպաննուեցաւ (ՍԻՍ. 218): Կիրակոսի յաջորդն ալ նոյն տունէն եղաւ, եղբօրորդին Եփրեմ Բ. Տէր Մանուէլեան (ՀԱՒ. 125): Աջապահեանց եօթներորդը, որ 1823-ին տակաւին 20 տարեկան երիտասարդ էր (ՍԻՍ. 219), եւ սա էր որ աթոռի վրայ կը մնար 1831-ին, բայց 1833-ին կը հրաժարէր, ինչպէս սովորաբար ըսուած է, բայց յիշատակագիր մը կը պատմէ, թէ վախճանի գօլեռա ցաւով ՌՄՁԲ. յաւուր Գիւտի նշխարաց Սրբոյն Գրիգորի (ՀԱՒ. 126) որ է 1833 յունիս 17, եւ այդ օրով գրուած յիշատակութիւնը կը նախադասենք: Մասնաւոր տեղեկութիւններ չունինք Կիրակոսի վերջին տարիներուն եւ Եփրեմի կաթողիկոսութեան վրայ: Իսկ Աղթամարայ աթոռը թողուցինք իր ինքնագլուխ եւ կղզիացեալ կացութեան մէջ 2174), որ չփոխուեցաւ Կարապետ կաթողիկոսին Բագրեւանդի օծումին մասնակցելովը 2266): Խաչատուր Վանեցի Հրաշագործին 1814-ին վախճանելուն վրայ 2327) դարձեալ աթոռը գրաւեց Կարապետ Շատախցին, որ 1803-ին հրաժարեր կամ հրաժարեցուցուեր էր, եւ իրեն յաջորդեց Յարութիւն Տարօնեցին Կաքաւ մականուանեալ 1816-ին (08. ՕՐԱ181) որ Արտօնքցի ալ կոչուած է Տարոնի Արտօնք գիւղէն, եւ 1823 աւագ ուրբաթ օրը, որ կիյնայ ապրիլ 20-ին, Խիզանի Ս. Խաչ վանքին մէջ նահատակուած է Ապարանից Ս. Խաչի վանահօր մատնութեամբ: Ասոր յաջորդեց Յովհաննէս Շատախեցին, որ աթոռի վրայ էր 1831-ին, եւ մինչեւ 1843 ալ մնաց, բայց աւելի բան մը պիտի չկարենանք պատմել ասոնց մասին: Ի դէպ էր այս կարգին Արմաշի վանքին վրայ ալ խօսիլ, սակայն արդէն անոր պատմութիւնը քաղած կը գտնուինք մինչեւ 1831 սեպտեմբեր մինչեւ Արմաշի վանահօր Աղաւնի Ստեփանոսի Կ. Պոլսոյ պատրիարքական աթոռ բարձրանալը, ինչպէս վերեւ յիշեցինք 2349):

2476. ԱՆՏՈՆԵԱՆՔ ԵՒ ԶՄԱՌՌ

Հռոմէական հայութեան մասին առ տեղեկութիւն տուած ըլլալու համար, պէտք է սկսիլ միաբանութիւններէն, որ գլխաւոր գործիչն եղան կաթոլիկութեան յարած Հայերը ազգային մարմիններէն զատելու, եւ Քաթօլիկ միլլէթի անունով նոր ազգութիւն կազմելու 2434): Այդ մասին Անտոնեաններ միջնասահման ընթացքի հետեւած էին, եւ կաթոլիկներու ներքին խնդիրներու մէջ ցայտուն գործունէութիւն չէին ցուցուցած, եւ իրենց Լիբանանի կեդրոնն ալ Օսմանեան սահմաններուն մէջ գտնուելուն, աւելի խոհեմ ձգտումներ ունեցած էին, որով իրենց վրայ շատ խօսել չտուին: Իրենց միաբանութեան աբբահայրն ալ եռամեայ պայմանաժամով փոփոխելի ըլլալուն, գլխաւոր դերակատարի մը անունն ալ չենք կրնար աւելցնել: Այդ ժամանակամիջոցին բոլոր իրենց ճիգերը ուղղած էին ուսումնական կեդրոն մը կազմելու Հռոմի մէջ, որուն առաջին քայլերը կանուխէն առած, բայց գաղղիական յեղափոխութեան եւ տիրապետութեան հետեւանօք խափանուած էին 2183): Աթանաս եպիսկոպոս Սարաֆեան, եւ անկէ ետքը Բարսեղ վարդապետ Տուրսունեան, Հռոմի մէջ կ՚աշխատէին տեղւոյ եւ հասոյթի միջոցները կարգադրել այդ դիտումը իրագործելու, եւ 1831-ին ատենները բաւական յառաջացուցած էին իրենց յաջողութիւնը, ուսանող միաբաններ Լիբանանէ Հռոմ փոխադրելու չափ, եւ քանի մը տարի ետքն ալ, 1834-ին, ուղղակի Հռոմի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ վանքին մէջ 2065) նոր աշակերտներով վանական ուսումնարան մը բանալ: Լիբանանի մէջ կազմուած կաթոլիկ կաթողիկոսութիւնն ալ, Զմմառի վանքին կամ աթոռին մէջ զետեղուելէն ետքը 2182), աւելի ուժով հետեւեցաւ իրեն վիճակներուն մէջ հռոմէական շարժումը տարածելու, եւ շատ ալ չցնցուեցաւ մայաքաղաքի մէջ տեղի ունեցած հայադաւան եւ հռոմէադաւան մրցումներէն, միաբանական ճիգերէն, եւ անոնցմէ յառաջ եկած շփոթութիւններէն եւ ընդդիմութիւններէն: Գրիգոր Պետրոս Ե. ի վախճանէն ետքը 1821 յունիս 17-ին իրեն յաջորդ ընտրուեցաւ Գրիգոր Պետրոս Զ. (ՀԱՍ. 522), որ ըստ ամենայնի իր նախորդին ընթացքին հետեւեցաւ, եւ Անտոնեան միաբանութեան հետ ալ հաշտ ուղղութիւն պահեց, բովանդակ իր երկարատեւ պաշտոնավարութեան մէջ մինչեւ 1841 տարին:

2477. ԿՐԿԻՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՔ

Վենետիկի Մխիթարեաններուն մասին պատմած ենք մինչեւ Ստեփանոս Ագոնց Աբբահօր ընտրութիւնը 1800-ին եւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը 1804-ին, եւ իրեն գործունէութեան ուրուագիծն ալ տուած 2329): Ագոնցի պաշտօնավարութիւնը երկարեցաւ մինչեւ 1824 յունուար 17/29 (ՅՈԲ. 6), եւ այդ միջոցին յիշած ենք արդէն իտալական գրաւմանց ժամանակին Ս. Ղազարը ազատելը, եւ հայկական դպրութեանց զօրաւոր զարկ տալը: Ներքին արդիւնքներուն կարգին յիշատակելի է եւս պետական արտօնութեամբ Ս. Ղազարու կղզեակն ընդարձակելը շուրջանակի ծանծաղները լեցնել տալով եւ որմափակ ամրացնելով, եւ ընդարձակուած մասերուն վրայ աւանդատուն, աշակերտաց բնակարան, տպագրատուն եւ դահլիճ աւելցնելը (ՅՈԲ. 59): Իսկ արտաքին պարագաներէն պիտի յիշենք, թէ ոչ լոկ 1810-ի միաբանական փորձը 2321), այլ առաւելապէս 1820-ի միաբանական նոր ձեռնարկը, որուն նախայարձակները եղան Վենետկոյ Մխիթարեաններէ քանիներ 2367), եւ հայկական վեղար առնելու չափ ալ առաջ գացին 2372), թէ ոչ բացայայտ, գոնէ լռելեայն իրենց աբբահօր Ագոնցին ներշնչումը կը կրէին անշուշտ, եւ այսչափն ալ մեզի կը բաւէ Ագոնցին եւ իրեն ժամանակակից միաբանութեան հայասէր հոգին ճանչնալու, որչափ ալ Հայ եկեղեցին հռոմէական եկեղեցւոյ վրայ պատուաստելու անիրականալի առեղծուածին վրայ հիմնուած ըլլար իրենց ծրագիրը, ինչպէս պարագաներովը բացատրած ենք իր կարգին 2373): Ագոնցի գործունեութենէն ուրիշ մասնաւոր պարագաներ պիտի չկարենանք պատմել, զի իր կենսագիրներն ալ աւելի քերթողական թռիչներ ունին (ՅՈԲ. 53-61) քան պատմական եղելութիւններ: Ագոնցի յաջորդեց Սուքիաս վարդապետ Սոմալեան, բնիկ Կ. Պօլսեցի, 1776 յունուար 24-ին ծնած, եւ 1804 դեկտեմբեր 9-ին քահանայացած, Հնդկաստան գտնուած, Մուրատեան եւ Ռափայէլեան կտակներու համար աշխատած, եւ գրական երկասիրութիւններ ալ ունեցած էր, եւ չորրորդ աբբահայր ընտրուեցաւ 1824 մայիս 23-4 յունիսի իսկ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն ստացաւ 1826 մայիս 9-21-ին: Իսկ պաշտօնավարութիւնը տեւեց 22 տարի մինչեւ իր մահը 1846 յունուար 29-10 փետրուար (ՅՈԲ. 64), բայց կեանքին վերջին տարիները ախտաւոր տկարութեան ենթարկուած էր, եւ քանիցս հրաժարելով քաշուելու եւ տեղը գործունեայ անձի թողլու միտքն ալ ունեցած էր: Իր ուղղութիւնը եւ աշխատութիւնը համանման էր Ագոնցին, որուն նախընծայ ձեռնասուններէն էր, բայց իր օրով տակաւ տկարացած կը տեսնենք Վենետկոյ արդիւնաւորութիւնը, զի այդ միջոցին աւելցած իբր 30 միաբան վարդապետներէն, միայն Աբրահամ Ճարեանի եւ Ղեւոնդ Ալիշանի եւ Մանուէլ Քաջմունիի անունները կրնանք իբր նշանաւոր եղած յիշատակել (ՅՈԲ. 222-223): Նախորդին օրով փորձուած միաբանական ձգտումները իր օրով դադրեցան, զի ոչ միայն անոնց ձախող եւ աղետալի ելքը չէր քաջալերեր փորձեալը կրկին փորձել, այլեւ այդ ձգտումներուն դուռներն ալ փակուած էին 1830-ի բաժանմամբ, եւ կաթոլիկներու առանձին ազգ կամ ինքնագլուխ հասարակութիւն կազմելովը: Վիէննայի Մխիթարեաններուն մասին շատ ըսելիք չի մնար անոնց ուղղութիւնը բացատրելնէս 2328), եւ միաբանական շարժումներու մէջ անոնց վարած դերը նշանակելնէս ետքը 2366): Աստուածատուր Պապիկեան աբբահայր վախճանած էր 1825 ապրիլ 28-ին, եւ տարիէ մը յաջորդ ընտրուեցաւ Արիստակէս վարդապետ Ազարեան 1826 ապրիլ 19-ին, եւ եպիսկոպոսացաւ 1827 յունուար 23-ին (ՅՇՐ. 9), եւ առաւել եւս սաստկացուց թունդ հռոմէական կամ Քօլէճեան ուղղութիւնը, մանաւանդ որ իր միաբանութեան հաստատութիւնն եւ զարգացման համար բոլոր յոյսը աւստրիական արքունեաց պաշտպանութեան եւ պապական գահուն հովանաւորութեան վրայ հիմնած էր, եւ Վենետկոյ Մխիթարեանց դէմ մրցման յաջողութիւնն ալ այդ կողմէն կը յուսար: Միեւնոյն ձեռնտուութեանց շնորհիւ կրցաւ նա յաջողցնել վայելուչ վանքի մը շինութիւնը, որուն անկեան քարը դրաւ նոյն ինքն Փերտինանդոս Աւստրիոյ կայսրը 1838 հոկտեմբեր 18-ին եւ շինութիւնը մէկուկէս տարիէ աւարտելով միաբանութիւնը հոն հաստատուեցաւ (ՅՇՐ. 10): Հռոմէականաց վերաբերեալ տեղեկութիւնները լրացնելու համար պէտք էր այստեղ նոր կազմուած պատրիարքարանի մասին ալ խօսիլ, բայց անոր սկզբնաւորութիւնը 1830-ին եղած էր, եւ մենք ստիպեալ էինք եղելութեանց շարքը մինչեւ 1831 եւ անդր ալ հասցնել 2436), որով այստեղ նոր աւելցնելիք չի մնար:

2478. ՆՈՐ ՎԿԱՆԵՐ

Մեզի սովորութիւն ըրած էինք նոր վկաներու յիշատակները պահելու համար համառօտակի քաղել անոնց պատմութիւնները իւրաքանչիւր շրջանին վերջը: Սակայն Աղէքսանդր Բիւզանդացւոյն օրէն, այսինքն ԺԸ դարուն կէսէն ասդին 2055), ներքին խնդիրներու յարակցութիւնը արգիլեց մեզ այդ յիշատակները շարունակել, ուստի այստեղ յարմար կը դատենք յետամնացներու քաղուած մը կազմել: Յարութիւն Մալղարացի 20 տարեկան եղած ատեն չարի ինչ հանդիպեալ եւ զհաւատ իւր այլափոխեալ քիչ ետքը կը զղջայ, Մանիսա կը փախչի, բայց հոն ճանչցուելով կը բանտարկուի, կը չարչարուի եւ կը գլխատուի: Թուական յիշուած է հազար երկու հարիւր չորս, որ է 1755 առանց ամսաթուիի իսկ տապանագիրին ճակատին 1853 թուականը պէտք է շիրմին շինութիւնը ցուցնէ (ՆՐՎ. Բ. 324): Յովհաննէս Մալաթիացի, Եւդոկիոյ մէջ արհեստաւոր, գլխահարկի համար կը բանտարկուի, եւ իբր իսլամացեալ յայտնուելուն վրայ կը պատմէ, թէ այլազգ դրացինս տուն տարաւ, զօրօվէն թլփատեց զիս (ՆՐՎ, 217) որ կ՚երեւի թէ աղայութեան ատենի հանդիպում մըն է եղածը, բայց իիր քրիստոնէութիւնը համարձակ կը խոստովանի: Տանջանքներու կ՚ենթարկուի որ ետ կենայ, գանակոծութիւն, բանտարկութիւն, կոճղ, ձաղանք, զինք չեն ընկճեր, վերջապէս կախաղանի վրայ կը վկայէ, եւ հազիւ երեք օրէն գանձով վար կ՚իջեցնեն եւ Քառասուն Մանուկ եկեղեցին կը թաղեն: Թուականը ՌՄԻԴ=1775 յիշուած է (ՆՐՎ. Բ. 218), բայց օրը նշանակուած չէ: Նոյնպէս առանց ճիշդ օրուան պատմուած կը գտնենք, ուրիշ վկայի մըն ալ անունը, Թուխման Տիգրանակերտցի, ինչպէս յաճախ կը հանդիպինք գաւառներու մէջ Ս. Թուխմանուկ կոչուած եկեղեցիներու: Մատնուելուն պարագան որոշ չէ, զի պարզապէս ըսուած է, թէ աւուր միում յանկարծական փայլեց իբր աստղ առաւօտեան: Ուրացութեան ստիպում, գանակոծութիւն, բանտարկութիւն չկրցան երանելւոյն հաստատամտութեանը յաղթել, որով ի դուռ ժամու բերին, զնա անդէն գլխատեցին: Յիշատակարանը, Մանուկ ոմն անուն Թուխման, եւ երանելի Մանուկ Թուխման բացատրութիւններով անորոշ կը թողու թէ անունով, թէ ոչ տարիքով մանուկ մըն էր, եւ կ՚երեւի թէ աչքի զարկած գեղեցիկ երիտասարդ մը եղած է եւ զրպարտութեան հանդիպած: Թուականը ՌՄԼԳ=1784 ցուցուած է, բայց օրը չէ նշանակուած, եւ գլխատումն ալ Տիարպէքիրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ դրան առջեւ կատարուած է:

2479. ՍԱՀԱԿ ԿԱՐՆԵՑԻ

Աւելի մանրամասնօրէն պատմւած է Սահակ Կարնեցի, Կանայճամբայ թաղի բնակիչ (ՆՐՎ. Բ. 224) 21 տարեկան (ՆՐՎ. Բ. 234) երիտասարդին նահատակութիւնը (ՆՐՎ. Բ. 220-248), Մսըր մականուանեալ, իբր Մսըրեան: Հօրմէն որբ մնացած եւ պոռնիկ ու ջատուկ մօրմէն նեղուած եւ խոշտանգուած Կ. Պոլիս կը մեկնի պատանեկութեան ատեն, բայց ծանր հիւանդութենէ մը ետքը հօրեղբօր խնամքով Կարին կը վերադառնայ եւ կրկին զրկմանց եւ նեղութեանց կ՚ենթարկուի մօրը կողմէն, որ հոմանիներուն ծախսած էր Սահակի եւ պզտիկ եղբայրներուն ժառանգութիւնը, եւ ցաւալի, մերկ, նօթի, ողորմելի թողած էր զաւակները. Սահակի այդ մասին մեղմիկ դիտողութիւնը կը կատղեցնէ անամօթ կինը, վաւաշոտ բարուք, տղմաթաւալ խոզ, ֆայիշէ, ջատի, օռոսպի եւ կոչուած ականատես յիշատակագիրէն (ՆՐՎ. Բ. 225): Սա ուղղակի որդւոյն դէմ ամբաստանութիւն կը մատուցանէ Ֆայատ օղլու Խալիլ փաշային, որ բդեշխին տեղակալն էր, եւ որդին կը զրպարտէ ամէն տեսակով, մինչեւ այս գիշերս եկն յիմ անկողինս ըսելու չափ, եւ յայտնապէս անոր մահը կը խնդրէ, թէ բարակ չուանով կախեսցես զնա: Թէպէտ կնոջ վարք ու բարքը յայտնի, սակայն եւ այնպէս Սահակ դատարան կը մատնուի, եւ կը բանտարկուի, եւ իբրեւ գթութեան նշան փաշային որդւոյն ձեռքով ուրացութեան կը հրաւիրուի, զոր բացարձակ կը մերժէ Սահակ (ՆՐՎ. Բ. 233): Ասոր վրայ կրկին դատարան հանեցին երիտասարդը, ուր մայրը հանդէպ փաշային կրկին բողոքեաց, թէ է՞ր չես հաներ զդա ի կենաց: Ուրացութեան փորձն ալ կրկնուեցաւ ի զուր, եւ վերջապէս դատաւորին կողմէ կախելու վճիռը տրուեցաւ: Ճամբան եկեղեցւոյ առջեւէն անցնելով կը տանին Կանայճամբայ թաղը, եւ հանդէպ բացխանին վճիռը կը գործադրեն: Նողկալի են անգութ մօր արարքը որ ետ զգին պարանին տղուն հրաժեշտի ողջոյնը մերժեց, եւ հոգին տալու ատեն գնացեալ յաղբիւրէն ձեռքով ջուր խմեալ, վա~շ, զի զովացաւ սիրտ իմ ասացեալ (ՆՐՎ. Բ. 240) Մօրը վատութիւնը եւ տղուն անմեղութիւնը, եւ մանաւանդ որ մահուանէ ետքը տղային կախանին պայծառացեալ էր, ճերմակ մարմինն ձիւնափայլեալ էր, թէ քրիստոնէից եւ թէ տաճկաց առ հասարակ սիրտերը մորմոքեց եւ մօրը վրայ անէծքներ իջեցուց: Նոյնիսկ փաշան ալ սաստիկ յուզուած անմիջապէս իջեցնելու եւ հանդէսով թաղելու հրամանը տուաւ, եւ սուրբ եկեղեցւոյ դէտն պանծալի, այսինքն առաջնորդը, որուն անունը չէ յիշուած, անձամբ նախագահեց յուղարկաւորութեան եւ հանգչեցուց ի դիր իւրոյ տապանին, որուն ճիշդ տեղը այժմ պատուած չենք յիշեր: Կարնեցի Յովհաննէս նօտար 656 տող տասնոտեան ոտանաւորով, յառաջաբանով եւ տաղով պատուած է նահատակին յիշատակը, ականատես եւ հետամուտ եղած ըլլալով եղելութեան բոլոր պարագաներուն (ՆՐՎ. Բ. 222): Իսկ նահատակութեան օրը նշանակուած է ՌՄԽԷ=1778 յուլիս 23, Մակարայեցւոց տօն նախասիմէոնեան տօնացոյցին համաձայն:

2480. ՊԱԼԻ ԵՒ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ

Սահակի օրինակը քաջալերեց եւ աճեզուց Կարնոյ նահատակները, զի նորա վկայութենէն յետ անցման քանի մի տարեաց (ՆՐՎ. Բ. 222-251), զոր կրնանք մերձաւորաբար 1783-ին դնել, ուրիշ մըն ալ վասն գեղեցկութեան եւ արիական երիտասարդութեան, նախ հրապուրանաց, եւ մերժելուն վրայ զրպարտութեան ենթարկուեցաւ: Պալի էր անունը, Կարնոյ դաշտի Ճինիս գիւղի հանճարաշատ Մելքոն քահանայի որդին, որ տեսած էր զարիական նահատակութիւն սոյն Սահակ Մսըր մանկան, եւ անոր օրինակովը քաջալերուեցաւ եւ քաջացաւ, ողոքանաց եւ չարչարանաց ներքեւ չընկճուեցաւ եւ կախաղանի վրայ նահատակուեցաւ (ՆՐՎ. Բ. 251): Օրն ու տեղը յիշուած չեն, աւանդութենէ ալ նշաններ կը պակսին, եւ ենթադրութիւնները աւելորդ կը դատենք: Կարնեցի մըն է նաեւ Յարութիւն, Չարըքճը Սանդոյի որդի, անձնեայ, առոյգ, ուժեղական եւ յաղթանդամ, հսկայական, որ Կարինէ մեկնելով Կ. Պոլիս եւ անկէ Զմիւռնիա կ՚երթայ Կարապետ եղբորը մօտ, որ հոն կ՚աշխատէր եւ կը շահուէր: Զուարթութեան օր մը ընդ այլազգեաց յըմպել նստի, եւ մինչ կարի էր արբեցեալ, զայն կրօնափոխութեան կը հրաւիրէն, եւ իբր թէ ընդունած ըլլայ կանանչ ալ կը փաթթեն: Ուշքի գալով բացէ ի բաց կը մեժէ, եւ որովհետեւ կը փնտըռուէր, հիւպատոսներու մօտ կ՚ապաւինի, որոնք զինքը քաղաքէն կը հեռացնեն: Այլ Յարութիւնի խիղճը չի հանդարտիր, եւ կ՚որոշէ ուր որ հաւատս եմ կորուսեալ, անդ գտանիլ ինձ հարկ եղեալ: Զմիւռնիա կը դառնայ, համարձակ հրապարակ կ՚ելլայ եւ կը ձերբակալուի: Սաստիկ տանջանքներու կ՚ենթարկուի, երկաթ ճանկերու, հրացեալ տապակի, գլխիվայր գանակոծութեան, եւ 12 օր կը շարունակեն տանջանքները, վերջապէս գլխատման կը դատապարտուի, իսկ մարմինը զապիթին գանձ շատ տուեալ, Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյն մէջ կը թաղուի մեծ հանդէսով, կանթեղ լուսոյ ալ կախելով վրան: Նահատակութեան օրն է 1806 փետրուար 26 (ՆՐՎ. Բ. 271): Անառակի երկուշաբթին: Յիշատակութիւնը ոտանաւոր գրուած է յումեմնէ նօտարէ (ՆՐՎ. Բ. 265), որ ինչպէս տուներու գլխադիրներէն ալ կը քաղուի, է նոյն Յովհաննէս, Սահակ Մսըր նահատակին վկայաբանը:

2481. ՎԱՌՎԱՌԷ ԴՎՆԻԿՑԻ

Կարնեցի երիտասարդներուն ետեւէն ունինք Կարնեցի կոյս մըն ալ, Վառվառէ, Զուրիկեան Համբարի դուստրը, Կարնոյ դաշտին Դըվնիկ գիւղէն: Վառվառէ տակաւին 11 տարեկան (ՆՐՎ. Բ. 307) Ղուշճի գիւղէն երիտասարդի մը նշանուած էր, եւ 14 տարեկան եղած ըլլալով հարսանիքը մօտէն պիտի օրհնուէր 1810 Ծննդեան ութօրէքէն ետքի պսակին: Հարսանեաց պատրաստութիւնները սկսած էին աւագ տօներուն, բայց դրացի այլազգի երիտասարդ մը կոյսին գեղեցկութենէ յափշտակուած, կը ջանար ամէն կերպով զայն իւրացնել, ուստի գիւղապետին կը դիմէ ըսելով թէ Վառվառէ շատոնց խոստացած է իսլամանալ եւ իրեն հարսնանալ: Գիւղապետը յանձն կ՚առնու գործը կարգադրել: Գիւղացիք ալ կրօնամոլ զգացմամբ մտադրութիւնը գործադրութիւն կը սեպեն, եւ գործադրութիւնն ալ անդառնալի ճանչնալով, զրպարտիչ երիտասարդին պաշտպանութիւնը կը խոստանան: Վառվառէ սուրբ խորհուրդներով զինքն զօրացուցած էր, երբ Կարնոյ բդեշխին ատեանը տարուեցաւ, ուր համարձակ ճշմարտութիւնը յայտնեց եւ հաստատամտութիւնը խոստովանեցաւ: Ասոր վրայ կարդացողի մը յանձնուեցաւ համոզելու համար, եւ ողոքանաց փաստերուն ապարդիւն մնալուն վրայ ձաղկանաց ենթարկուեցաւ, եւ սաստիկ ձմեռուան մէջ ամբողջ գիրշեր մը մինչեւ ծունկը ջուրին մէջ մազերէն կախուած աւազանին մէջ թողուեցաւ: Կրկին ձաղկանք, կրկին սառոյցի եւ հրացեալ երկաթի տանջանքներ, բայց կոյսը անյողդողդ մնաց, մինչեւ կարդացողին ընտանիքն ալ լեզու ելլալուն տունէն հեռացուցին: Երկրորդ կարդացողի մը յանձնուեցաւ որ քաղցրութեան միջոցներ գործածեց, բայց միշտ անյաջող: Գործը բդեշխին դարձաւ որ հրամայեց իր կրօնքին մէջ թողլով այլազգի երիտասարդին հետ ամուսնացնել, եւ այս պայմանով Դըվնիկ տարուեցաւ եւ երիտասարդին յանձնուեցաւ: Սակայն ամէն փորձ, սպառնալիք, բռնութիւնք, չկարացին կոյսը համոզել զինքն յանձնելու, մինչեւ իսկ արիաբար զգետնեց կորովի երիտասարդը: Ասոր վրայ ամէն տեսակ նեղութիւններ տրուեցան Վառվառին նոյն տունին մէջ, մինչեւ որ պատեհ առթիւ մը տունէն փախաւ եւ շիտակ քաղաք եկաւ (ՆՐՎ. Բ. 297), կամ ըստ այլոց Դըվնիկի մօտ Եփրատի մեծ կամուրջին ներքեւ երեք օր մնաց, ուր Գասպար եղբայրը յաջողեցաւ զայն գտնել, եւ Կարին փոխադրելով Մարիամ անուն ծանօթ կնոջ մը տունը գաղտնի պահեց (ՆՎԲ Բ. 279): Պէհրամ փաշա կուսակալին յաջորդեց Իպրահիմ փաշա, եւ Վառվառի գործը նորէն ձեռք առաւ: Հայեր այլազգիները կ՚ամբաստանէին թէ անյայտացուցին, իսկ այլազգիներ Հայերը կ՚ամբաստանէին թէ փախուցին: Դվնիկցիներ խմբովին բանտարկուեցան եւ տանջուեցան, եւս առաւել Գասպարը, որուն վերջապէս ուրացութիւն առաջարկուեցաւ, զոր նա մերժեց եւ եկեղեցւոյ դուռը կախուեցաւ յունիս 8-ին Հոգեգալստեան չորեքշաբթին: Վառվառէ լուր չունէր, երբ դրացի այլազգի կին մը զայն ճանչցաւ, եւ Վառվառէ ու Մարիամ բդեշխին առջեւ հանուեցան: Նորէն բանտարկութիւններ եւ կարդացողներու տուներ, սպառնալիքներ եւ նեղութիւններ, բայց երկուքն ալ իրենց հաւատքը խոստովանեցան, եւ վերջապէս եկեղեցւոյ մէջ կախուելու դատապարտուեցան, երեք օր` մարմինները հոն մնալու պայմանով: Բայց Երուսաղէմի նուիրակ Ստեփան եպիսկոպոսին եւ ազգին գերապատուեցեալ իշխանապետ Յակոբ Մամիկոնեանի բողոքներուն վրայ եկեղեցւոյ դուռը կատարուեցաւ վճիռին գործադրութիւնը 1810 յուլիս 16-ին, Երկոտասան առաքելոց տօնին շաբաթ առտուն, եւ մարմիններն ալ անմիջապէս վերցուելով մեծահանդէս յուղարկաւորութիւն կատարուեցաւ երգօք հոգեւորօք (ՅԱՍ. Ա. 279-285 եւ ՆՐՎ. Բ. 286-305): Կարնոյ գերեզմաննոցին հիւսիս արեւելեան կողմը, Նահատակաց գերեզմաններ կոչուած մասին մէջ, գետնի վրայ երեք անտաշ կարմրորակ սեւ բիծերով գերեզմանաքարեր, Վառվառի, Գասպարի եւ Մարիամի շիրիմները կը ցուցնեն, եւ Կարնոյ ժողովուրդին ուխտատեղի եղած են, եւ այնպէս կը մնային, մինչեւ որ 1880-ին Օրմանեան Մաղաքիա առաջնորդը նոյն քարերը շրջապատով փակեց եւ յիշատակի խաչքար կանգնեց, երբ տակաւին կ՚ապրէին երանելիներուն նահատակութեան ականատես ծերունիներ: Վառվառի անունը շատ հռչակուած է Կարնոյ եւ շրջակայից մէջ եւ շատ տաղեր յօրինուած են իրեն եւ ընկերներուն պատուոյն: Հրաշքներ ալ կը պատմուին շատերուն կողմէն, ոտանաւոր վկայաբանութիւն մըն ալ գիրի առնուած է Սահակ Մըսրի վկայաբանութեան ոճով եւ չափով եւ 646 տողով, որուն յառաջաբանին եւ վերջին տաղին գլխագիրները Ի Հէննէէս կը կապեն, եւ միեւնոյն Կարնեցի նօտար Յովհաննէսը կը ցուցնեն սոյն ոտանաւորին ալ հեղինակը: Արդէն Յարութիւն Կարնէցի նահատակին վկայաբանութեան ալ գլխատառերը Ի Հաննէ նօտարէ Կարնեցւոյ կը կապեն (ՆՐՎ. Բ. 265-288): Երուսաղէմի միաբան Յովհաննէս աբեղայ, Ստեփանոս նուիրակի ընկեր, երեք նահատակներուն զատ զատ տապանագիրեր ալ յօրինած է (ՆՐՎ. Բ. 311-313). Էնբառն=1810 թուականին բայց տեղը գրուած չեն:

2482. ՏՓՂԻՍԵՑԻ ՎԿԱՆԵՐ

Պարսից կողմն ալ կան հաւատոյ համար նահատակուած վկաներ: Այս կարգին պիտի յիշենք նախ Հասան-Ջալալեան Դանիէլ բէկը, Մէլիք բէկի որդին, Արցախ նահանգի Խաչէն գաւառի իշխանը, որ առ սուրբ հաւատոյ սա լուսահոգի, նահատակի աստ յամրոցիս Շուշի, դառն տնջանօք Իբրահիմ խանի, ինչպէս իր որդին Բաղդասար Աղուանից մետրոպոլիտը արձանագրած է նոր շինել տուած շիրմին վրայ (ՆՐՎԲ. 252): Իպրահիմ խանի բռնութիւններէն եւ հալածանքներէն փախչող Հասան-Ջալալեաններէն միայն Սարգիս եւ Դանիէլ մնացէր էին, որոնք տոկացին Իպրահիմի բռնութեանց, վերջէն իրենք ալ յաջողեցան խոյս տալ, այլ երբ Դանիէլ ետ դարձաւ եկեղեցական գանձերը հաւաքելու նպատակով, խանին ձեռքն ինկաւ, եւ ուրացութեան չհամակերպելով անխնայ խողխողուեցաւ (80 ՓՐՁ. Ե. 144-146): Նահատակութիւնը տեղի ունեցած է 1791-ին, իսկ նոր շիրիմը կանգնուած է 1851-ին: Միւս նահատակն ալ նոյնպէս ծանօթ անձնաւորութիւն է, Սայեադ Նօվա անունով հռչակուած աշուղը, որ է ժողովրդական երգիչը, աւազանի անունով Յարութիւն, բնիկ Տփղիսեցի, Հաւլաբար արուարձանէն, պանդուխտ Բերիացիի մը եւս Հաւլաբարցի կնոջ մը զաւակ, հաւանաբար 1712-ին ծնած, եւ աղայութեան ատէնեն ջուլհակութեան աշակերտած, բայց քաղցր ձայնովը եւ երաժշտական աւիւնովը հետզհետէ ջութակահարութեան եւ երգիչութեան հետեւած, եւ Սուրբ Կարապետի կարողութենով սովորած զանազան նուագարաններ (ՆՐՎ. Բ. 255): Սայեադ Նօվա երգած է թուրքերէն եւ վրացերէն եւ հայերէն լեզուներով, եւ հրապարակի ծանօթ երգիչ եղած է 1742-էն սկսելով, թէ ժողովուրին եւ թէ Վրաց արքունիքին զուարճացուցիչն ըլլալով հաւասարապէս. իր գլխաւոր երգերուն հաւաքածոն ալ գտնուած է: Կրօնական եւ բարոյական ուղղութիւնը ամուր ըլլալով իր սիրտին մէջ, հետզհետէ կը պաղի իր երգիչութենէն, եւ երբ իր ամուսին Մարմարը կը մեռնի 1768-ին (ՆՐՎ. Բ. 262), երկու մանչ եւ երկու աղջիկ զաւակները քաղաք կը թողու եւ ինքն Հաղբատու Ս. Նշան վանքը կ՚առանձնանայ հաւանաբար 1770-ին, ուր աբեղայ ալ կը ձեռնադրուի: Քսան եւ հինգ տարիներ ապաշխարողական կեանք կ՚անցունէ աշուղութիւնն մեղք բան համարելով (ՆՐՎ. Բ. 261): Աղա Մահմէտ Վրաստան խանի Վրաստան յարձակելուն եւ ասպատակելուն առթիւ Յարութիւն աբեղայ Տփղիս կուգայ եւ զաւակները ապահովի կը հանէ Մոզդոկ քաղաքը, եւ երբ Հաղբատ կը դառնայ հրոսակը վանքը կը խուժէ, եկեղեցին կը մտնէ, ուր աղօթքի կեցած էր Սայեադ Նովան, եւ կը բռնադատէ զայն դուրս ելլալ եւ ուրանալ. իսկ նա կը պատասխանէ, Եկեղեցուց դուրս չեմ գալ, Յիսուսին չեմ ուրանալ, եւ Պարսից սուրերուն ներքեւ հոգին կ՚աւանդէ 1795 սեպտեմբերի մէջ (ՆՐՎ. Բ. 264): Նահատակի գերեզման մըն ալ կը գտնուի Շուշի քաղաքը, Հին Հանգստարանի վարի կողմին մօտ, բայց Անտօն Տփղիսեցի անունէն եւ 1795 թուականէն աւելի տեղեկութիւն չունինք: Թուականը բաւական է հետեւցնել, թէ պարսիկ հրոսակին ատեն ուրացութեան հրաւիրուած, եւ հրաւէրին ընդդիմացած նահատակ մըն է Անտօնն ալ Սայեադ Նօվայի նման: Նահատակի մատուռ մըն ալ կայ Շամախի գաւառի Քարքանջ գիւղի գերեզմանատունը, նուիրուած Սահակ վարդապետի, որ եղած է յայլազգեաց ի ծնէ բուն. բայց դարձած ի հաւատ լուսաւորչուն, եւ վարդապետ ալ ձեռնադրուած, որ նահատակուած է հուրբ այրեցեալ, հարկաւ իսալութենէ դարձած ըլլալուն պատճառով: Նահատակութեան թուականն է 1817 մայիս 1 (ՆՐՎ. Բ. 314), որ կը հանդիպի Յինանց վեցերորդ երեքշաբթին: Շուշի քաղաքի գերեզմանոցին մէջ ալ նահատակի մը գերեզմանը կը գտնուի, Պետրոս Նիժեցի, որդի քահանայի, 1826 սեպտեմբեր 13-ին նահատակուած, բայց պարագաներ չեն յիշուած (ՆՐՎ. Բ. 315):