Ազգապատում. հատոր Գ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

3128. ՉՈՐՐՈՐԴ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Երուսաղէմի խնդիրը գործնական որոշման մը յանգած չէր կեդրոնական վարչութեան կողմէ Դուրեանի տեղապահութեան օրերը, ի բաց առեալ Յովհաննէսեան եպիսկոպոսի առաքումը, որուն այդ նպատակին յարմար անձը չըլլալը յայտնի էր, եւ Երուսաղէմէ հասած լուրեր ( ՏՂԿ. Զ. 2) եւ կառավարութենէ հաղորդուած տեղեկութիւններն ալ ( ՏՂԿ. Զ. 7) նոյնը կը հաստատէին: Հանրութեան աչքը Իզմիրլեանի պաշտօնի գլուխ անցնելուն վրայ հաստատուած էր, որպէսզի իբրեւ իրողութեանց ներքնապէս ծանօթ եւ իբրեւ արի գործող մը, կտրուկ որոշմամբ կնճիռը արմատաքի լուծէր, ինչպէս իր նամակով ալ այդ ակնկալութիւնը բացատրած էր (08. ՄՆԶ. 2290): Իզմիրլեան հոկտեմբեր 31-ին գործի սկսած, նոյեմբեր 7-ին քաղաքականին տեղեկութիւններ կը հաղորդէր ( ՏՂԿ. Զ. 2), եւ 8-ին նոյն տեղեկութիւնները երեսփոխանութեան կը կրկնէր ( ՏՂԿ. Զ. 1) եւ Յարութիւն պատրիարքի հրաժարականը մերժելով ( ՏՂԿ. Ը. 3) պատուիրակութիւն մը յղել կ՚որոշուէր, եւ 14-ին Իզմիրլեան պատուիրակի ընտրութիւնը կ՚առաջարկէր, եւ հետզհետէ հրաժարողները փոխանակելով, հազիւ դեկտեմբեր 10-ին վերջապէս կը նշանակուէին ( ՏՂԿ. Զ. 9) Յակոբ-Աշոտ եպիսկոպոս Փափազեան եւ Գէորգ Ֆիքրի Աճէմեան ու Հայկազուն Պէկեան: Առաջինը Յովհաննէսեանէ ոչ նուազ տկար եպիսկոպոս մը, եւ միւսները դատական եւ երկրագործական նախարարութեանց կարող եւ բարձր պաշտօնեաներ, նոյն միջոցին պետական պաշտօնով Զմիւռնիա եւ Եգիպտոս գտնուող, բայց ընդհանրապէս ազգային խնդիրներու մէջ նոր եւ անտեղեակ անձեր: Միեւնոյն ատեն Երուսաղէմի կանոնագիրին վերաքննութեան համար վեց անդամներով յանձնաժողով մը կը կազմուէր ( ՏՂԿ. Զ. 5) որ անմիջական դարման մը չէր, եւ ընդհանուր ժողովէ ալ նոյն նպատակով յանձնաժողով մը կազմուած ըլլալուն դիւրութենէ աւելի դժուարութեան պատճառ կրնար ըլլալ: Ընտրուած պատուիրակութիւնը, զոր չորրորդ կը կոչենք, իբր Մանկունիի եւ Ֆէսճեանի պատուիրակութեան 3067) անմիջապէս յաջորդող, զանազան կողմերէ հասնելով Յոպպէ կը միանար, եւ 1909 յունուար 23-ին հոն առաջին նիստ կը գումարէր ( ՏՂԿ. Է. 1) վարչական հրահանգը բանալով կ ՚ ընթեռնուր ( ՏՂԿ. Է. 1) պարունակութեան կը տեղեկանար ( ՏՂԿ. Ը. 4-11), եւ իր խորհրդածութիւններովը գրի կ՚առնէր, եզրակացնելով թէ կարելի պիտի չըլլայ հրահանգը բաւարար գործադրել, զոր եթէ կեդրոնը չընդունի, յակամայս պիտի ստիպուին գործէ քաշուելու ( ՏՂԿ. Է. 12-14): Պատուիրակներ յունուար 25-ին ուշ ատեն Երուսաղէմ կը մտնեն ( ՏՂԿ. Է. 15), որ է ըսել Իզմիրլեանի պատրիարքութեան անցնելէն երեք ամիս ետքը, եւ պատրիարքութենէ դադարելէն քանի մը օր առաջ, մինչ շատ աւելի արագ եւ ազդու գործողութիւն մը կը սպասուէր Իզմիրլեանի գործունէութենէն եւ Երուսաղէմի աթոռին եւ վանքին վրայ ծանրացած տարադէպ եղելութեանց մասին կազմած համոզումէն եւ ունեցած մտադրութենէն: Պատուիրակութեան գործողութեանց դառնալով, վանք մտնալնին խաղաղ կ՚անցնի, եւ եկեղեցական արարողութեամբ կ՚ընդունուին, ինչպէս սովորութիւն է բոլոր նոր հասնող եպիսկոպոսներուն ընել ( ՏՂԿ. Է. 15): Պատուիրակները չէին կրցած Յոպպէ գտնուողներուն կեանքի վտանգը երաշխաւորել, որ միասին Երուսաղէմ գալու վստահանային ( ՏՂԿ. Ը. 12), ուստի իրենք առանձինն առաջ անցած էին, եւ հասնելնուն առաջին օրն իսկ իրենց պաշտօնագիրերը Յարութիւն պատրիարքի կը յանձնէին, որ միաբաններու ներկայութեան բարձրաձայն կարդալ կու տար, բայց երկար խօսքի չէր մտներ տկարութիւն պատճառելով ( ՏՂԿ. Ը. 13): Յունուար 26-ին Յովհաննէսեան եպիսկոպոսի հետ կը տեսակցին, որ իր չէզոք մնալը կը յայտնէ, իր պաշտօնը անուանական դատելով: Տնօրէնի անդամներուն այցելութիւնը կ՚ընդունին, որոնց կողմէն Տէր-Կարապետեան իբր ատենապետ կը յայտարարէ, թէ վանքը հանդարտ վիճակ մը ունի, թէ խռովութիւն հանողներ փախած են, եւ թէ միաբանութիւնը յանձնաժողովի պաշտօնին դէմ առարկութիւն ունի ( ՏՂԿ. Է. 13), աւելցնելով իսկ, դուք վախեցէք մենէ, մենք ոչ ոքէ կը վախնանք ( ՏՂԿ. է. 16): Յունուար 27-ին դարձեալ պատրիարքին կը ներկայանան, բայց խօսակցութեան չմտած ժողովականներ եւ միաբաններ ներս կը խուժեն, պատրիարքը կ՚այլայլի, եւ ալ կը նեղուիմ կոր ըսելով ամէնքն ալ կ՚արձակէ. իսկ միաբանութեան մէջ լուր կը տարաձայնուի թէ պատրիարքը քննիչները քովէն վռնտեր է: Յունուար 28-ին փոխանորդ Եղիա Յովհաննէսեան առանձինն կը հրաւիրեն, որուն ետեւէն ուրիշներն ալ կու գան եւ պատուիրակութեան հրահանգը տեսնալու խնդիրը կը յարուցանեն, որուն հարկաւ պատուիրակներ չպիտի կարենային համակերպիլ ( ՏՂԿ. Է. 17-18, Ը. 14): Միանգամայն ելից կերպ մը գտնելու համար 29-ին Յովհաննէսեան եպիսկոպոսի միջնորդութեամբ պատրիարքէ առանձինն տեսակցութիւն կը խնդրեն, եւ ըստ այնմ 30-ին կը հրաւիրուին, բացատրութիւններ կու տան, հրահանգը պատրիարքին կը հաղորդեն, որ ժողովականներէ եւ միաբաններէ քանիներ կանչելով կը յայտարարէ. պէտք է առանց ընդդիմութեան ամէնքն ալ համակերպին յանձնաժողովին կարգադրութեանց, եւ հրահանգ տեսնել ուզողներուն կը սաստէ թէ իրենց չպատկանիր հրահանգը, ինքը կարդացած է: Պատուիրակները նոյն օր տնօրէն ժողովէ կը հրաւիրուին, ուր իրենց դարձեալ կը հաղորդուի թէ միաբանութիւնը կը պահանջէ, եւ ժողովն ալ օրինաւոր կը դատէ, որ չձեռնարկած հրահանգը հաղորդեն: Պատուիրակներ կը պատասխանեն թէ իրենք միաբանութիւնը քննելու պաշտօնով եկած են եւ ոչ թէ միաբանութենէ քննուելու համար, եւ ժողովին պնդելուն վրայ կը հեռանան, եւ չվստահանալով իրենց գիրերն ու հեռագիրները Երուսաղէմի պաշտօնատանց յանձնել` Յոպպէ կը յղեն Կ. Պոլիս լուր հասցնելու համար, զի աղմկայոյզներ ոչ միայն նամակ ու հեռագիր ձեռք կը ձգէին, այլեւ պատուիրակներու կեանքին դէմ սպառնալիքներ կը խօսէին, եւ Յակոբ եպիսկոպոս փետրուար 1-ին վարժարանական հանդէսէ մը ելած ատեն, ատրճանակը ձեռքը երիտասարդ մը զինքը կը դիմաւորէ, այս քեզի համար է գոչելով ( ՏՂԿ. Ը. 16-19): Պատուիրակներ վերջապէս համոզում կը գոյացնեն, թէ վանքը զեղծարարներու, լրտեսներու, սինլիքորներու որջ մը դարձած է ( ՏՂԿ. Ը. 20), թէ անոնց գործունէութեան մէջ ի հեռուստ տրուած ծրագիրներու ազդեցութիւնը կը տեսնուի, եւ թէ շահակից ու ձրիակեր քաղաքացիներու գործակցութեամբ ու կեղծ ուխտաւորներու ներկայութեամբ կը զօրանան անոնց ձեռնարկները: Քանի մը օր եւս կը շարունակեն հնարաւոր միջոցներով պաշտօննին գործադրելու եղանակ գտնել, բայց ամէն կողմէ իրենց դէմ յայտնապէս ցոյցեր կը տեսնեն, սպառնալիքներ կը բազմապատկուին վատ եւ տմարդի միջոցներով, իրենց կեանքին դէմ դաւաճանութեան նշաններ կը նշմարեն, եւ համոզուելով թէ այլեւս անկարելի եղած է իրենց Երուսաղէմ մնալը, փետրուար 6-ին բարեկենդանի վերջին ուրբաթ օրը, հասնելէն 12 օր ետքը, Յոպպէ կը դառնան, եւ այնտեղէն ամէն կողմ պէտք եղած հեռագիրները կու տան. Յարութիւն պատրիարքի ալ կը տեղեկացնեն թէ միայն կատարեալ ապահովութիւն հաստատուելէ ետքը Յոպպէ գտնուողներն ալ պիտի կարենան վանք դառնալ եւ քննչական գործողութիւնները կատարուիլ ( ՏՂԿ. Ը. 22-23): Փետրուար 8-ին ընդարձակ տեղեկագիր մը կը յղեն վարչութեան Իզմիրլեան պատրիարքի հասցէին, որ 10-ին պաշտօնէ կը դադրէր եւ ընդունելու չէր հասներ, որուն մէջ եղելութիւններն ու իրենց ընթացքը բացատրելէ ետքը, իբր անմիջական պայմաններ կ՚առաջարկեն. 1. Յարութիւն պատրիարքի կարող եւ ազդեցիկ եկեղեցական փոխանորդ մը նշանակել: 2. Եղիա Յովհաննէսեան, Կարապետ Տէր-Կարապետեան եւ Եսայի Կարապետեան վարդապետները, Գէորգ Ճանսըզեան ու Գրիգոր Պահլաւունի աբեղաները, եւ Գէորգ Եօթնեղբայրեան սարկաւագը անմիջապէս Երուսաղէմէն վտարել: 3. Դրամատուներու եւ տեսչութիւններու արգիլել տնօրէն ժողով ըսուած մարմինին որեւէ վճարում ընել, ստուգուած ըլլալով որ 3000 ոսկի ձեռք անցուցած եւ յումպէտս վատնած են: 4. Իսպառ չէզոքացնել քաղաքացւոց ազդեցութիւնը, եւ դադրեցնել վանքին վրայ բեռ ըլլալնին ( ՏՂԿ. Ը. 12-26): Միւս կողմէ կ՚որոշեն Յոպպէ սպասել մինչեւ կեդրոնին նոր հրահանգը:

3129. ԱՊԱՐԴԻՒՆ ՓԱԿՈՒՄԸ

Պատուիրակներ Յոպպէ հասնելնէն երկու օր ետքը, փետրուար 10-ին, Յարութիւն պատրիարքի ստորագրութեամբ եւ 8-ին տրուած հեռագիր մը կը ստանան Երուսաղէմէ, որով կը յայտարարէր, թէ միաբանութիւնն ու տնօրէնը իրեն հրահանգներուն հակառակ վարուած չեն, թէ վանքին օգտին համաձայն գործուած է, եւ թէ Յոպպէ գտնուող եւ իրեն կոչին չանսացող միաբանները չի ճանչնար ( ՏՂԿ. Է. 37): Այդ հեռագիրը նոյն Յարութիւն պատրիարքի յունուար 30-ին իրենց ներկայութեամբ յայտնած կարծիքներուն բացարձակապէս հակառակ ըլլալուն, այդ հակասութիւնը շեշտող ընդարձակ հեռագիրով մը կը պատասխանեն. իսկ Յոպպէ գտնուող միաբաններուն դառնալուն համար, եւ պատուիրակութիւնը շարունակելու համար կառավարական երաշխաւորութեամբ ապահովութեան պէտքը կը յայտնեն ( ՏՂԿ. Է. 38), եւ նոյն իմաստով կառավարութեան ալ կը հեռագրեն ( ՏՂԿ. Է. 39): Յարութիւն պատրիարքէ պատասխան չեն առներ, Յովհաննէսեան եպիսկոպոսէ տեղեկութիւն կը խնդրեն, որ փետրուար 17-ին իրենց հեռագիրին Երուսաղէմ հասած ըլլալը ծանուցանելով, եւ պատրիարքի գիտակցութեամբ պատասխանուած ըլլալը ստուգել չկրնալով, կը յաւելու թէ իրեն ալ սպառնացողներ պակաս չեն, եւ կը խնդրէ որ այլեւս իրեն խնայեն, որպէսզի կարենայ գոնէ եկեղեցական հանդիսութեանց նախագահելով ուխտաւորները մխիթարել ( ՏՂԿ. Է. 42): Պատուիրակներ թէպէտ հեռագիր եւ նամակ անպակաս կը յղէին կեդրոնին, սակայն պատասխան չեն ընդունիր, անշուշտ Իզմիրլեանի պատրիարքութենէ դադարելուն եւ Արշարունիի տեղապահութեան հաստատուելուն միջոցին հանդիպած ըլլալուն համար. բայց իրենք կը կարծէին թէ պատրիարքարանն ալ դժուարութեան բաղխած է, եւ ինչ ինչ պարագաներու եւ դարձուածներու տակ չկրնար վերջնական եւ վճռական որոշումներ տալ ( ՏՂԿ. Է. 48): Այդ համոզումը պատուիրակներու եւ Յոպպէ գտնուող միաբաններու վրայ ալ կ՚ազդէ, ուստի նախ Պէկեան կը մեկնի փետրուար 24-ին նախարարութենէ պաշտօնին վրայ հրաւիրուելուն համար ( ՏՂԿ. Է. 45), Յոպպէ գտնուող Տէրտէրեան, Գայըգճեան, Աճէմեան, Սամուէլեան ու Սարաճեան վարդապետները եւ Գազազեան, Պէքեարեան ու Սարգիսեան աբեղաները իրենց իրաւունքը ազգային վարչութեան առջեւ պաշտպանելու համար ստիպեալ Կ. Պոլիս երթալնին կը յայտարարեն 24-ին ( ՏՂԿ. Է. 46), եւ 26-ին կը մեկնին առաջին եօթները, իսկ Սարգիսեան վանք կը դառնայ անձնական կարգադրութեանց պատճառանքով: Նոյն օր 26-ին կը մեկնին Յակոբ եպիսկոպոս եւ Գէորգ Ֆիքրի պատուիրակներն ալ ( ՏՂԿ. Է. 48) զի իրենց պատուիրակութեան իրաւունքը հաւաքաբար եւ ոչ անհատաբար ըսուած էր ( ՏՂԿ. Է. 46), եւ Պէկեանի մեկնելով հաւաքականութիւնը կորած ըլլալուն` անգործ մնալու ստիպուած պիտի ըլլային: Երկու պատուիրակները Մէրսին կ՚ելլեն Ատանայ երթալու, իսկ եօթը միաբաններ ուղիղ կը նաւեն մինչեւ Կ. Պոլիս: Այսպէս ապարդիւն կերպով կը փակուի չորրորդ պատուիրակութիւնը, Երուսաղէմի վանքին վրայ նոր տիրապետող աղմկայոյզ խմբակին անորակելի ընթացքին հետեւանօք: Պատուիրակութիւնը յունուար 23-ին Յոպպէ բացուած եւ փետրուար 26-ին Յոպպէ գոցուած ըլլալով 34 օր տեւած է, որոնց միայն 12 օրը Երուսաղէմի մէջ, եւ միայն այն համոզումը տուած է, թէ Երուսաղէմէ վանքն ու աթոռը սաստիկ խառնակութեան մէջ կը գտնուին եւ բացարձակ ու բացառիկ կարգադրութեան կը կարօտին: Այդ կարգադրութիւնն ալ անշուշտ ազգային կեդրոնէն կը սպասուէր, իբրեւ գերագոյն ազգային իշխանութենէ, սակայն մենք կեդրոնին գործունէութեան չանցած Երուսաղէմի անցքերը քաղենք, ընդհանուր կացութեան մասին տեսութիւնները ճշդելու համար:

3130. ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ

Պատուիրակներուն եւ Յոպպէ ապաւինած միաբաններուն մեկնելու մտադրութիւնը հազիւ թէ լսուեցաւ Երուսաղէմի մէջ, տենդոտ գործունէութեան դուռ բացուեցաւ վանքին տիրապետող կուսակցութեան առջեւ, որ հարկ սեպեց միաբանական զգացմանց եւ որոշմանց ձեւերով իր դիրքը ամրացնել, եւ բոլոր իրմէ բաժնուածները միաբանութենէ արտաքսեալ հռչակելով, աթոռին եւ ուխտին եւ վանքին բացարձակ տէր դարձած սեպուիլ եւ իր դիրքը ապահոված կարծել: Վերջին միաբանական ժողովը 1908 նոյեմբեր 24-ին հաւաքուած էր (08. ՄԻԱ. 39), եւ երեք ամիս էր որ նոր ժողով գումարուած չէր, որ է ըսել պատուիրակութեան ընտրուելէն մինչեւ գալը եւ գալէն մինչեւ մեկնիլը: Այդ ժամանակամիջոցին գործերը պարզապէս տնօրէն ժողովոյ հեղինակութեամբ կարգադրուած էին, եւ կ՚երեւի թէ տնօրէնը իր համախոհներուն վրայ կատարեալ վստահութիւն չունէր, որ միաբանական գումարումներէ զգուշացած էր: Երբոր պատուիրակներ եւ տարակարծիք միաբաններ Յոպպէ պիտի հեռանային, տնօրէնը իր յաղթանակը տարած եւ դիրքը ապահոված կը կարծէր եւ միաբանական ժողովները շատցուց, իր դիմումներուն օրինական ձեւ տալու համար: Այդ անցուդարձերուն գերագոյն վարիչը Կարապետ Տէր-Կարապետեան վարդապետն էր, տնօրէնի ատենապետը, որուն օգնական կը հանդիսանար Եղիա Յովհաննէսեան վարդապետ` իր պատրիարքական փոխանորդի կերպարանովը: Իսկ Յարութիւն պատրիարք իր անձնական տեսութիւնները առաջ տանելու անհնարութեան մատնուած, եւ դիմադրութեան անօգուտ ըլլալուն համոզուած, եւ բոլորովին անօգնական մնացած, անձնատուր հետեւորդի դերը կը վարէր: Նոր գործունէութեան շրջանը եւ միաբանական ժողովներու շարքը սկսաւ փետրուար 24-ին, միեւնոյն օրը որ Պէնկեան կը մեկնէր, եւ միաբաններ ու պատուիրակներ երկու օրէն մեկնելնին կ՚որոշէին 3129): Սովորութիւն էր գումարմանց նպատակը եւ որոշուելիք կէտերը պատրիարքական պաշտօնագիրով ներկայել ժողովին, դարձեալ նոյն ձեւը պահուեցաւ, եւ Յարութիւն պատրիարքի ստորագրութեամբ տնօրէնին պատրաստած պաշտօնագիրը կարդացուեցաւ, որ կ՚առաջարկէր Երէցեան Գէորգ եպիսկոպոսի պատրիարքի օգնական նշանակուիլը, եւ արդէն կեդրոնին հաղորդուած կանոնագիրին 3071) նորէն վերաքննուիլը: Երէցեանի վանք դառնալուն անհնարութիւնը կանուխէն, յունուար 16-ին, որոշած էր Խառն ժողովը, Երուսաղէմի հաշիւներուն քննութեան եւ այլ զանազան պատճառներով ( ՏՂԿ. Զ. 9), ուստի միաբանական որոշման (09. ՄԻԱ. 60) հեռագիրով կեդրոնին ծանուցուելուն վրայ խառն ժողովը մարտ 4-ին միեւնոյն անհնարութիւնը կրկնեց եւ հաղորդեց ( ՏՂԿ. Զ. 12): Իսկ կանոնագիրին վերաքննութիւնը դարձեալ նախաքննութեան յղուեցաւ (09. ՄԻԱ. 61): Միաբանական ժողովը պոռոտախօս յայտարարութեանց մէջ առատացաւ նախորդ տնօրէնի հասցէին եւ նախորդ գործիչներու մասին, մինչեւ իսկ դժգոհութեան եւ պարսաւանաց քուէ տուաւ Մանկունի եւ Ֆէսճեան պատուիրակներուն (09. ՄԻԱ. 61): Յաջորդ օրուան փետրուար 25-ի գումարման մէջ Վահան Քէշիշեան եւ Հմայեակ Երէցեան, երբեմն հեռացուածներ 3071), ատենապետութեան ընտրուեցան (09. ՄԻԱ. 65). Տէրտէրեան, Գայըգճեան, Աճէմեան եւ Սամուէլեան միաբանութենէ վտարուած հռչակուեցան, իսկ մնացած միւս չորսերուն համար որոշեցին յարմար կարգադրութիւնը թողուլ յետագային (09. ՄԻԱ. 73), եւ անցան մեծ պանդոկին ապառիկ վարձքերուն գումարին վրայ եղած զեղչին խնդիրը յուզել (09. ՄԻԱ. 75): Մարտ 4-ի նիստը կանոնագիրին վերաքննութեան յատկացուցին, եւ վերջին խմբագրութեան վրայ 3071) քանի մը փոփոխութիւններով աւարտեցին եւ փակեցին, որոնք էին նոյն այն կէտերը, որոնք ժամանակով իրենց կողմէ պաշտպանուած էին, բայց ընդունուած չէին 3071). այսինքն է լուսարարապետութիւնը մշտնջենաւոր քառամեայի վերածել, լուսարարապետը տնօրէն ժողովի անընտրելի նկատել, միաբաններուն անձնական հասոյթները ի կեանս վայելելու իրաւունք տալ` առանց ուրիշի վրայ փոխանցել կարենալու, տնօրէնէ ամէն երեք ամիս համարատուութիւն պահանջել, բայց վանական հաշիւները հրատարակութեան չտալ, վերաքննութեան պայմանաժամն ալ 7-էն 5 տարիի իջեցնել (09. ՄԻԱ. 79): Այս փոփոխութիւններով նոր տպագրութիւն մըն ալ պատրաստուեցաւ, բայց կեդրոնական երեսփոխանութեան հաստատել տալու պայմանին նախ յիշատակութիւն չեղաւ, եւ վերջէն զանց ընելով գործածութեան սկսիլ որոշեցաւ (09. ՄԻԱ. 108): Մարտ 6-ի նիստը ապառիկ վարձերէն զեղչին եւ կեդրոնի մէջ Երուսաղէմի մասին խօսուած միտքերու եւ առաջարկներուն վրայ խորհրդածութիւններ անցաւ (09. ՄԻԱ. 83): Ապրիլ 11-ին դարձեալ ժողով գումարուեցաւ եւ սարկաւագներէն աբեղայութեան եւ ուրարակիրներէն սարկաւագութեան կոչելու որոշումներ տրուեցան (09. ՄԻԱ. 89-91), եւ պատրիարքի ստորագրութեամբ կեդրոնին դէմ նախարարութեան տրուելիք հեռագիրի մը օրինակը ընդունուեցաւ (09. ՄԻԱ. 95): Ապրիլ 14-ի նիստին մէջ Մաղաքիա եպիսկոպոս Տէրունեան հրաժարեալ միաբան` դարձեալ միաբանութեան ընդունուեցաւ (09. ՄԻԱ. 101), իսկ Սահակ աբեղայ Սարգիսեան եւ Յարութիւն սարակաւագ Մանավեան կարգալոյծ հռչակուեցան (09. ՄԻԱ. 104-105): Յիշած ենք արդէն թէ Սարգիսեան Կ. Պոլիս մեկնողներէն բաժնուած եւ վանք դարձած էր 3129), ուր հասնելով մեղայագիր ալ տուած եւ իր գործերը կարգադրելու ժամանակ շահած էր, բայց յետոյ Դամասկոս ժամարար երթալու համար վանքէն մեկնելով, Յոպպէ հասնելուն տեղացւոց համաձայնութեամբ տեղւոյն տեսչութիւնը ձեռք կ՚անցունէր, զի Երուսաղէմէ նոր տեսուչներ ժողովուրդը չէին ընդունուեր, եւ տեսչութիւնը Սամուէլեանի մեկնելէն ետքը թափուր կը մնար, Իսկ Մանավեանն ալ ետեւէն հասնելով Սարգիսեանի օգնական կը դառնար, եւ այս էր կարգալոյծ հռչակուելուն պատճառը, թէպէտ իրենք ականջ չէին կախեր: Նոյն նիստին մէջ միաբանութենէ կը վտարուէին նաեւ Սարաճեան եւ Գազազեան եւ Պէքեարեան, որ Կ. Պոլիս մեկնած էին: Նոյն որոշումը կը տրուի Նշանեանի համար ալ, որ Կ. Պոլսոյ մէջ իր հին ընկերներուն միացած էր եւ վարձքերու զեղչին մէջ յանցաւոր կը նկատուէր: Կ՚առաջարկուի Կ. Պոլսոյ փոխանորդ Չիլինկիրեան Եղիշէ վարդապետն ալ միաբանութենէ վտարել, մեկնողներուն պաշտպան ըլլալուն եւ Երուսաղէմատան մէջ պատսպարելուն համար, սակայն նկատելով որ դժուար պիտի ըլլայ զայն Երուսաղէմատունէն հանել, առայժմ կ՚որոշեն ազդարարութեամբ գոհանալ (09. ՄԻԱ. 109): Երուսաղէմի մէջ կատարուած այս անցուդարձերուն քաղուածը, առանց ուրիշ խորհրդածութեան եւ մեկնութեան կը բաւէ ապացուցանել թէ ի'նչ աստիճան խառնակութեան եւ անղեակ կառավարութեան մատնուած էին աթոռն ու միաբանութիւնը, թէպէտ իրենք կը յաւակնէին պարծենալ, թէ վտանգներու առաջքն առնուելով, ինչպէս միւս պաշտօնէութիւնք, նոյնպէս ելեւմուտքը, ստացան սպասուած կանոնական ուղղութիւնը (09. ՄԻԱ. 113): Յայտնի կը տեսնուէր իրենց միտումը, որեւէ անկախ կացութիւն մը ստեղծել, եւ նուիրագործել այն շահախնդրական ուղղութիւնը որ Մաքսուտեանով մուծուած էր միաբանութեան մէջ, եւ որուն մասնակցութեամբ օգտուիլ կը կարծէին ամէն անոնք, որոնք կանոնական սեղմումներէ եւ օրինական պայմաններէ կը նեղուէին: Մինչեւ իսկ լսուած էր որ Մայրաթոռէ ալ բաժնուելով Կիլիկիոյ աթոռին հպատակութեան անցնիլ կը խորհէին ( ՏՂԿ. Ը. 28), ուր Խապայեան կ՚աթոռակալէր եւ պատրաստ էր պաշտօնապէս իրենց հովանաւոր ու պաշտպան կանգնիլ: Տեղեկութիւնները լրացնելու համար աւելցնենք թէ Յոպպէի մէջ Սարգիսեանի ներկայութեամբ կազմուած բացառիկ կացութեան վերջ տալու համար, կառավարիչ Սուպհի անձամբ Յոպպէ իջնելով` տեսուչ ընտրուած Գարեգին վարդապետ Սաքայեանը պաշտօնին վրայ կը հաստատէր, Սարգիսեան Կ. Պոլիս կը մեկնէր, իսկ Մանավեան տեղւոյն վարժարանին ուսուցիչ կը մնար, եւ Երուսաղէմի եւ Յոպպէի յարաբերութիւնները կը վերանորոգուէին: Յովհաննէսեան Գրիգորիս եպիսկոպոսն ալ զատկական տօնախմբութիւնները աւարտելով, իսկ ձեռնադրութիւն ընել յանձնառու չըլլալով` Երուսաղէմէ կը մեկնէր եւ մայիս 5-ին Կ. Պոլիս կը դառնար, եւ Երուսաղէմ դարձեալ առանց եպիսկոպոսի կը մնար (09. ԱՐԼ. 7092):

3131. ԿՈՍՏԱՆԴՆՈՒՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ

Երուսաղէմի վանքին մէջ տիրող խառնաշփոթ վիճակը պէտք էր կեդրոնական վարչութեան մտադրութիւնը հրաւիրէր, եւ շուտափոյթ կերպով ազդու եւ կտրուկ որոշմանց յանգէր, որպէսզի օր առաջ վերջանար անախորժ կացութեան տագնապը, սակայն այդ պէտքը բաղձանք կը մնար եւ սպասուած գործադրութիւնը չէր տեսնուեր: Իրաւ խնդիրը կնճռոտ եւ բազմակողմանի ըլլալուն լուրջ քննութեան կը կարօտէր, միանգամայն նոր պաշտօնի անցած Յովհաննէս Արշարունի տեղապահը` պարագայից անտեղեակ ըլլալով` չէր կրնար իսկոյն որոշման յանգիլ, սակայն այս պակասը շուտով կրնար լեցուիլ Իզմիրլեանի ձեռքով, որ ինչչափ ալ հպատակութեան փոփոխութեամբ եւ կաթողիկոսական հաստատութեամբ պատրիարքական աթոռը թողած էր, բայց ազգային գործերէ ձեռնթափ չէր եւ չէր կրնար ըլլալ, եւ յատկապէս սաղիմական խնդիրը խորապէս ուսումնասիրած էր, պէտքերն ու դէմքերը մօտէն տեսած ու զննած էր, եւ ազգային շրջանակի մէջ անդիմադրելի հեղինակութիւն կը վայելէր, տեղապահն ալ իր ձեռնադրածն էր, ուստի դիւրաւ կրնար պատշաճը թելադրել եւ գործադրութիւնը դիւրացնել: Նշանեան վարդապետն ալ, որ Երուսաղէմի շփոթներուն սկսիլը լսելով ետ դառնալը յապաղած էր, եւ շփոթներուն աճելովը բացակայութիւնը երկարած էր, եւ վերջապէս Երուսաղէմէ մեկնողներուն միացած էր, իբրեւ Իզմիրլեանի ներքին խորհրդակից եւ վստահելի գործակից, կրնար թէ' պատշաճը ցուցնել եւ թէ' գործադրութեան աջակցիլ, այսու հանդերձ տկար պատուիրակութեան մը յղուելէն եւ ձեռնունայն դառնալէն աւելի գործ մը տեսնուած չէր, եւ Երուսաղէմէ մեկնող միաբաններու խումբը կը ստիպուէր Կ. Պոլսոյ մէջ դեգերիլ, միաբանութեան օգուտն ու աթոռին պատիւը անձամբ վարչութեան առջեւ մղելու եւ պաշտպանելու համար: Մարտ 17-ին խառն ժողովը նախ լսած էր պատուիրակ Պէկեանը, որ դժուարութեանց եւ սպառնալեաց պատճառաւ գործ մը տեսնել կրցած չըլլալնին կը բացատրէր, եւ Յարութիւն պատրիարքի համար ալ տարիքին բերմամբ հեղինակութիւն չունենալը եւ մտային յեղյեղուկ վիճակ ունենալը կը վկայէր: Պէկեանէն ետքը նոյն օրը խառն ժողովին ներկայացած էին Յոպպէ հասնող եօթները, եւ կեանքի վտանգ զգալով վանքէ մեկած, եւ Ռէմլէ ու Յոպպէ մնացած, յուսահատութեան վիճակի մէջ Կ. Պոլիս եկած ըլլալնին յայտնած էին. Երուսաղէմի տագնապին վիճակը բացատրած, Մաքսուտեանի խնդիրը իբր սկզբնապատճառ ցուցած, եւ միաբանութեան ու ժողովուրդին ու կառավարութեան ընթացքին պատճառը շահակցական կապերն ըլլալը պարզած ( ՏՂԿ. Զ. 12): Կ. Պոլիս եկող եօթները Սարգիսեանի ետեւէն հասնելովը, Թելեանի Եգիպտոսէ գալովը, Նշանեանի իր հին ընկերներուն միանալովը, Չիլինկիրեանի իրենց պաշտպան հանդիսանալովը, եւ օդափոխութեան համար եկած Նիկողայոս Ֆրանկիւլեան վարդապետին իրենց յարելովը, տասնուերկուքի լրացած էին, եւ իրենց անհատական արժեքովն ալ պատկառելի խումբ մը կազմած էին, բայց տակաւին ոչ վարչութիւնը գործնական որոշում մը տուած էր, եւ ոչ Իզմիրլեան օգտակար թելադրութիւն մը ըրած էր: Եթէ իբրեւ արդարացում ընդունինք այդ միջոցին տեղի ունեցած մայրաքաղաքին քաղաքական կացութեան փոփոխութիւնը 3115), եւ Ատանայի կոտորածը եւ անոր հետեւանքները 3116-3120), պէտք չէ մտադրութենէ վրիպեցնել որ այս տագնապներէն առաջ փետրուար եւ մարտ ամիսները պարապի անցած էին, եւ պատուիրակութենէն երեք ամիս ետքը, միայն 12-ին, խառն ժողովոյ մէջ դարմանին վրայ կը խորհուէր, եւ տարօրինակ որոշմամբ մը, Յարութիւն պատրիարքը ամբաստանել, եւ ընդհանուր ժողովով դատապարտել եւ պաշտօնանկել, եւ աթոռը տեղապահի մը յանձնել կը մտածուէր (09. ԱՐԼ. 7036, եւ ՏՂԿ. Զ. 13): Եթէ պատուիրակութիւնը լաւ թափանցէր եւ վարչութիւնը լրջօրէն քննէր, պիտի տեսնէր որ Յարութիւն պատրիարքի վրայ յեղյեղուկ վիճակ ըսուածը եւ հեղինակութիւն չունենալը, ուղիղ միտքի եւ անօգնական վիճակի պայքարն էր, որ իր իրաւացի եւ ճիշդ տեսութեանց հանդէպ գործադրելու ոյժ եւ օգնութիւն չունենալը կ՚արտայայտէր: Ուղիղ տրամադրութիւնը եւ արդար վարչականութիւնը, ոչ Յարութիւնը ամբաստանելու եւ ոչ դատապարտելու եւ պաշտօնանկելու եզրակացութեան կրնային տանիլ, այլ ոյժ եւ օգնութիւն հայթայթելով ճշգրիտ միտքին եւ իրաւացի տեսութեանց իրականացման պէտք էր առաջնորդէին: Յարութիւն պատրիարքի մօտ ուղղամիտ եւ բանիմաց, ճարտար ու փորձառու օգնական մը պէտք էր աւելցնել, որով պատրիարքական հեղինակութեան եւ բազմամեայ արդիւնաւորութեան զօրութիւնը չէր ջլատուեր, եւ օգտակար ու արգասաւոր գործադրութեան ճամբայ կը բացուէր: Իզմիրլեան տակաւին Կ. Պոլիս էր երբոր մայիս 12-ի տարադէպ խորհուրդը վարչութեան ժողովին մէջ պաշտօնական ձեւ կը զգենուր, եւ հարկաւ եօթնեակներով ալ առաջ անպաշտօն խորհրդակցութեանց նիւթ եղած էր: Նա լաւ կը ճանչնար Վեհապետեանը, մօտէն գիտէր անոր միտքին ուղղութիւնը, տեսած էր նեցուկ եւ օգնական գտած ատեն ցուցած գործունէութիւնը, իրաւամբ կը սպասուէր իրմէ իսկութիւնը վարչութեան յայտնել եւ հեղինակօրէն պարտադրել. բայց որովհետեւ վարչութեան որոշած ձեւին գործադրութիւնը Իզմիրլեանի Կ. Պոլիսէ մեկնելէն ետքը տեղի ունեցաւ, մենք ալ անցնինք նախապէս անոր ուղեւորութեան պարագաները պատմել:

3132. ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍՆԵՐ

Իզմիրլեանի կաթողիկոսական ընտրութեան Ռուսիոյ կառավարութեան կողմէն ընդունուած ըլլալը, թէպէտ 1909 յունուար 3-ին դեսպանատան կողմէ զեկուցուած էր 3110), սակայն շատ մը ձեւակերպութեանց լրումը քանի մը ամիսներ եւս տեւեց, մինչեւ որ կայսերական հրովարտակը հրատարակուեցաւ ապրիլ 7-ին (09. ԱՐԼ. 7038), եւ անկէ ետքն է որ Մայրաթոռոյ հրաւիրակները, Գարեգին Սաթունեան Տփղիսի ու Աշոտ Շախեան Արցախի եպիսկոպոսներ, եւ Մեսրոպ Տէր-Մովսիսեան ու Բաբգէն Աղաւելեան վարդապետներ ճամբայ ելան Կ. Պոլիս գալու, ուր կը հասնէին մայիս 13-ին ( ՄՐԴ. 1): Նախընթաց կաթողիկոսական ընտրութեանց առթիւ սովորութիւն եղած էր Բերայի մէջ վայելուչ եւ ընդարձակ տուն մը յատկացնել նորընտիրին բնակութեան եւ ընդունելութեանց. բայց այս անգամ նախադասուեցաւ Բերայի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ կալուած եւ յարակից, Մկրտիչ Թօքաթլեանի վարած Սբլանտիտ կոչուած նորաշէն պանդոկը յատկացնել նորընտիրին եւ հրաւիրակներուն միանգամայն, իբր զի տակաւին նոր կը բացուէր եւ խռնուած չէր, եւ յարակից ճաշարանովը եւ եկեղեցւոյ բակին հետ մասնաւոր հաղորդակցութեամբը յարմար դիւրութիւններ կը ներկայէր: Հրաւիրակներ պարտուպատշաճ պատուով ընդունուեցան եւ յիշեալ պանդոկը առաջնորդուեցան: Իզմիրլեան մինչեւ վերջին օրեր Իւսկիւտարի Եէնիմահալլէ թաղը կը մնար, եւ Ս. Կարապետ եկեղեցին կը յաճախէր, ուր մայիս 10-ին Դպրեվանքի աշակերտներէն Մեսրոպ Նարոյեանի ու Ղեւոնդ Դուրեանի ու Գրիգորիս Պալաքեանի Ծայրագոյն Վարդապետութեան օրհնութիւն, եւ 14-ին Արմենակ Ինճէեան փաստաբանին քահանայական օծում եւ աբեղայական վեղար տուած էր, իր իսկ Մատթէոս անունով կոչելով զայն (09. ՄՆԶ. 2423, 2426), եւ 16-ին, շաբաթ օր, ինքն ալ Իւսկիւտարէ Բերայի պանդոկը կը փոխադրուէր ( ՕՄԱ. 278): Իսկ 17-ին Հոգեգալստեան տօնին օրը, որ Բերայի եկեղեցւոյն տարեկանաց օրն է, գահակալութեան հանդէս մը տեղի կ՚ունենար: Ժամերգութեան ատեն փառքիբարձունսէն առաջ կաթողիկոսը հանդէսով եկեղեցի կ՚իջնէր, հրաւիրակ եպիսկոպոսներ հայրապետական գաւազանն ու խաչը կը յանձնէին, Սաթունեան ծանուցման եւ բարեմաղթութեան ատենաբանութիւնը կը կատարէր, եւ նորընտիր ներկայ եկեղեցական դասակարգին պաշտօնական յարգանքը կ՚ընդունէր, ուսկից ետքը ինքն ալ պատշաճաւոր քարոզը կը խօսէր, Հայ Եկեղեցւոյ կեանքը պատկերացնելով եւ իր պարտականութիւնը բացատրելով ( ՄՐԴ. 1-3): Այդ առթիւ նոր կաթողիկոսին անունն ալ պատարագին մէջ առաջին անգամ կը յիշատակուէր: Ցերեկին ճոխ հացկերոյթ մը կը տրուէր ճաշարանին մեծ սրահին մէջ բազմաթիւ եկեղեցական եւ պաշտօնական եւ ականաւոր հրաւիրեալներով, որ ատեն սովորական բաժակաճառերը կը խօսուէին ըստ պատշաճի (09. ԱՐԼ. 7100): Պարագային պահանջած արարողութեանց լրման համար պէտք էր որ նորընտիրը հայրապետական պատարագ մըն ալ մատուցանէր, զոր դժուար եղաւ Հոգեգալստեան օրը կատարել, եւ ուրիշ կիրակի օր մնացած չըլլալուն, մայիս 21-ի հինգշաբթի օրուան թողուեցաւ եւ մեծահանդէս շուքով տեղի ունեցաւ Բերայի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, թէ' բնակավայրին մօտ ըլլալուն եւ թէ' թաղին կեդրոնական դիրք ունենալուն պատճառով, բարձրաստիճան եկեղեցականներու, մեծամեծ ազգայիններու, պաշտօնական մարմիններու եւ դեսպանական անձերու ներկայութեամբ: Իզմիրլեան առիթ առաւ դարձեալ Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ ազգին վրայ տեսութիւններ յայտնել եւ մաղթանքներ ընել ( ՄՐԴ. 3-5):

3133. ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Յատկապէս յիշատակութեան արժանի կը դատենք Իզմիրլեանի եւ Օրմանեանի տեսակցութիւնը, որ տեղի ունեցաւ մայիս 18-ին երկուշաբթի օր: Օրմանեան միանգամ եւ երկիցս Իզմիրլեանէ տեսակցութիւն խնդրելէ եւ զլացուելէ ետքը, այլեւս լռած էր եւ նոր հետապնդութիւն չէր ըրած 3108), եւ ոչ իսկ երբոր մեկնելուն պատրաստութիւնները կը կատարուէին: Մայիս 14-ին Բերայի թաղականութեան ատենապետ Յակոբ Էսայեանի ձեռքով լուր ստացաւ Իզմիրլեանէ, թէ մինչեւ հիմա պարագաներ նպաստաւոր չէին տեսակցութեան, բայց Բերա իջնելուն երբ ուզէ գայ, սիրով կը սպասէ տեսակցիլ ( ՕՄԱ. 277): Օրմանեան պատասխանեց թէ որչափ ալ նա իր շատ մը գիրերուն տարի մը ետքը լոկ երկու տող պատասխան մը յղած է, հոգեւորական մխիթարութենէ զրկած է, եկեղեցականութեան դասակարգէն դուրս թողած է, համագումարէ եւ եպիսկոպոսաց հրաւէրներէ զրկած է, պատրիարքներու կարգէն պատկերը վերցուած է, սակայն չուզեր պատշաճից հակառակ գործել եւ հրաւէրները մերժել, միայն թէ կը փափաքի որ յարմար առիթը նա ինքն որոշէ ( ՕՄԱ. 278): Ասոր վրայ մայիս 18-ին Բերայի թաղականներէն Արտաշէս Ֆնտըգլեան պատրաստ կառքով եկաւ առաջնորդել, եւ ընդունելութիւնը սիրով եւ ողջագուրանօք սկսաւ: Տեսակցութիւնը երկու մաս ունեցաւ, առաջինին Էսայեան եւ Ֆնտըգլեան ալ ներկայ գտնուեցան: Օրմանեան շնորհաւորութիւններ յայտնեց եւ յայտարարեց թէ ի սրտէ կը փափաքիմ որ դուք յաջողիք որպէսզի մենք չձախողինք: Խօսքը դարձաւ Էջմիածնի վրայ, օսմանեան ազատութեան վրայ, անոր ապագային եւ հետեւանքներուն վրայ, երկրին կացութեան վրայ, եւ վերջապէս Իզմիրլեան ինքն ակնարկեց, թէ Օրմանեան ցաւած կրնայ ըլլալ եկեղեցիէ զրկուած ըլլալուն համար, եւ յարեց թէ չհամարձակեցաւ արտօնել` վախնալով որ տգեղ ցոյց մը տեղի կ ՚ ունենայ, որուն Օրմանեան պատասխանեց թէ պատրիարքական իշխանութիւնը եթէ ուզէր, կրնար իր անվայել դատած եղելութիւնները խափանել: Իսկ թշնամանաց արարքներուն համար ցաւ յայտնեց պաշտօնական շրջանակներէ ալ գործուելուն համար, աւելցնելով որ եթէ թշնամւոյն նախատեալ էր համբերէի արդեօք ( ՍԱՂ. ԾԴ. 13): Տեսակցութեան առաջին մասը փակուեցաւ թէյի պատուասիրութեամբ, ուսկից ետքը Էսաեան եւ Ֆնտըգլեան մեկնեցան ( ՕՄԱ. 280-281): Երկրորդ մասին մէջ Իզմիրլեան դարձեալ Օրմանեանը եկեղեցական եւ հոգեւորական մխիթարութենէ զրկելուն պաշտպանութիւնը սկսաւ կրկնել, միշտ տգեղ ցոյցի մը վախը առաջ դնելով, եւ ոչ թէ այդ բանին համար որեւէ արգելք մը նկատած ըլլալուն համար, եւ շատ մը փաղաքշական բացատրութիւններ աւելցուց, թէ արժանիքը կը ճանչնայ, թէ վստահ է որ շատ եւս ծառայութիւններ պիտի կարենայ ազգին ընծայել, թէ իմացեր է որ ժամանակին պէտք եղած հոգածութիւնն ու պաշտպանութիւնը պատրիարքն իրեն համար ըրեր է ( ՕՄԱ. 282), թէ ինքն պատրիարքին միջնորդութեամբ նորանոր փորձանքներէ ազատեր է ( ՕՄԱ. 283), թէ Օրմանեան օգտակար պաշտօնավարութիւն ունեցած է, թէ սահմանադրութեան վերաքննութիւնը արգիլելով` զայն անվնաս պահելը ազգովին երախտագիտութեան արժանի արդիւնք մըն է, թէ ամէնքը գիտեն որ շատ դժուարին պարագաներու դիմաց գտնուած է, եւ եզրակացնելով թէ ամէն բան շուտով կը փարատի եւ ճշմարտութիւնը կը յայտնուի ( ՕՄԱ. 285): Այդ երկրորդ մասին խօսակցութիւնները ժամի մօտ տեւեցին, որոնց մէջ Իզմիրլեան առիթ գտաւ ամբոխային ցոյցերու վրայ գանգատելու, ժողովականաց ընթացքը մեղադրելու, գործերու անկանոնութիւնը խոստովանելու, եւ Օրմանեանը մխիթարելու համար իրեն ալ թշնամանաց եւ հալածանաց ենթարկուած ըլլալը յիշեցնել, որոնց Օրմանեան կը պատասխանէր թէ ան արտաքիններէն թշնամանուած էր, մինչ ինքն ազգային պաշտօնական անձերէ եւ մարմիններէ գիտակցաբար կը թշնամանուէր: Տեսակցութիւնը միշտ միեւնոյն կէտերուն վրայ դառնալուն` Օրմանեան հարկ սեպեց հրաժեշտի ողջոյնը տալ նորէն դառնալու պատեհ չունենալուն, եւ սիրալիր եւ պատուադիր ձեւերով բաժնուեցան: Բերայի թաղականներ պահ մը իրենց խորհրդարանը հրաւիրեցին Օրմանեանը, եւ առաջիկայ հինգշաբթի հայրապետական պատարագին գտնուիլը առաջարկեցին, որուն Օրմանեան պատասխանեց թէ բոլոր եպիսկոպոսաց ցրուած հրաւիրագիրը իրեն յղուած չէ, եւ թէ տակաւին մինչեւ այս վերջին վայրկեանը եկեղեցի երթալու արգելքը իրեն առջեւ կը նետուի ( ՕՄԱ. 287): Այս տեսակցութեան իբրեւ յաւելուած ի դէպ է յիշել, թէ Ժամանակ լրագիրի խմբագրապետը մայիս 21-ի թիւին մէջ կը հրատարակէր, թէ Իզմիրլեան իրեն ըսած է թէ չէր կրնար որեւէ քարոզչական պաշտօն տալ Օրմանեանի քանի որ ամբաստանուած էր եւ թէ միայն քննութեան արդիւնքին վրայ կարելի է որեւէ բան տնօրինել, թէ Օրմանեանի ալ այսպէս խօսած է ( ՕՄԱ. 288): Տեսակցութեանս քաղուածը կրնայ ծառայել իբր լրումն այն տեղեկութեանց, զորս քաղեցինք Իզմիրլեանի եւ Օրմանեանի յարաբերութիւնները բացատրելու համար 3108):

3134. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾԵՐ

Իզմիրլեանի հարկ էր Օրմանեան երկիրէն չմեկնած, օսմանեան կառավարութեան հրաժեշտի ողջոյնը տալ, եւ ըստ այսմ մայիս 21-ին, նոյն իսկ հայրապետական պատարագին օրը, փութաց կայսերական պալատ երթալ հրաւիրակներով եւ պատրիարքարանի ժողովներու ատենապետներով, կայսեր կողմէն ընդունուեցաւ, ուղերձ մը արտասանեց, որով Հայոց վրայ կայսերական հովանին կը խնդրէր, Ատանայի աղէտին ակնարկելով անոր հետեւանքներուն դադարելուն վստահութիւն կը յայտնէր, եւ իր մասին ալ ցուցուած մտադրութեան համար շնորհակալութիւն կը մատուցանէր: Կայսեր պատասխանն ալ յոյժ սիրալիր եղաւ, Հայոց մասին համակրանք վկայեց. ամէն ազգերու վրայ հաւասար խնամք ունենալը յայտարարեց, եւ հաւատարմութեան սկզբունքը յանձնարարելով` աւելցուց թէ պէտք է հոգեւոր պետերն ալ միեւնոյն ոգւով յորդորեն իրենց ժողովուրդները ( ՄՐՏ. 7): Այս առթիւ Իզմիրլեանի առաջին աստիճանի օսմանիէ եւ չորս հրաւիրակներու պատշաճ աստիճանով մէճիտիյէ շքանշաններ շնորհուեցան: Իզմիրլեան կայսեր այցելութենէն դառնալով` բարձրագոյն դուռ եկաւ մեծեպարքոս Հիւսէյին Հիլմի փաշային այցելութեան, ուր դարձեալ միեւնոյն յայտարարութիւնները կրկնուեցան: Իսկ Ատանայի աղէտին մասին եպարքոսը կը վստահեցնէր թէ կառավարութիւնը մէկ կողմէն հարկաւոր միջոցները ձեռք առած է արգիլելու համար նմանօրինակ դէպքերու կրկնութիւնը, եւ միւս կողմէն վճռած է յանցաւորները օրէնքի խստութեամբ պատժել ( ՄՐԴ. 8): Արտաքին գործոց նախարար Ռէֆաթ փաշայի մօտ ալ գնաց Իզմիրլեան, այլ անոր բացակայութեան պատճառով խորհրդական Մանուկ Ազարեանէ ընդունուեցաւ (09. ՄՆԶ. 2432): Իզմիրլեան կանխած էր ռուսական դեսպան Իվան Զինովիէվի ալ այցելել, եւ փոխադարձ այցելութիւնը ընդունած էր: Ըստ այսմ մայիս 21-ի հինգշաբթի օրը պաշտօնական գործողութիւններով անցաւ, իսկ մեկնելուն նախորդ ուրբաթ օրը, մայիս 22-ը, ազգային գործողութեանց յատկացուեցաւ: Այն օրը գումարուած ազգային ժողովը նշանաւոր եղաւ իր կատարած գործերով, զի միեւնոյն օր եւ միեւնոյն նիստին մէջ կատարուեցան նոր պատրիարքի ընտրութիւնը, եւ Երուսաղէմի տեղեկագիրին ներկայացումը եւ Իզմիրլեանի հրաժեշտի ողջոյնը: Երուսաղէմի տեղեկագիրին վրայ խօսիլը առայժմ զանց կ՚ընենք, վերապահելով անոր վրայ վերադառնալ նկատառութեան առնուելուն առթիւ: Երուսաղէմի եւ Իզմիրլեանի սերտ յարաբերութիւնը ծանօթ ըլլալով` ամէն ոք կը սպասէր Երուսաղէմի մասին Իզմիրլեանի տեսութիւնները լսել, եւ ինքն ալ յաճախ խօսած էր թէ կարեւոր յայտնութիւններ ունէր ընելու, թէպէտ լաւագոյն ըրած պիտի ըլլար եթէ Երուսաղէմէ դառնալէն ետքը եւ իր պատրիարքութեան միջոցին ըրած ըլլար այդ յայտնութիւնները, ազգային ժողովը եւ քննիչ յանձնաժողովը լուսաբանած, գործադրելու կերպերը որոշած, եւ իրականացման աշխատած, եւ ոչ թէ անկողմնակալութիւն ցուցադրելով ներել Երուսաղէմի մէջ սկսած շփոթները, եւ սպասել մինչեւ այն օրը այլեւս խնդիրին միջամտելու առիթ պիտի չունենար: Իսկ նոյն օր այդ նիւթին մասին խօսածները խնդիրին լուծուելուն օգնութիւն մը չէին բերեր, զի նոր յայտնութիւններ չէին յիշեալները, թէ հաշուականէ զատ վարչական զեղծումներ ալ գործուած են Երուսաղէմի մէջ, թէ կեդրոնը իրաւունք ունի Երուսաղէմի գործերուն միջամտելու, թէ միայն ներքին գործերն են որ Երուսաղէմի պատրիարքին իշխանութեան պիտի թողուին, եւ թէ ի'նչ կերպով պարտքեր կը շատնան սաղիմական մատակարարութեան մէջ, բոլորն ալ յանձնաժողովոյ տեղեկագիրին մէջ յիշուած կէտեր: Իրմէ կը սպասուէր որ խնդիրին լուծման ձեւն ու կերպը ցուցնէր, եւ ոչ թէ պարզ իղձ մը արտայայտել թէ գոհ պիտի ըլլայ եթէ Էջմիածնի մէջ իմանայ թէ արդար վճիռ մը տրուած է: Իզմիրլեանէ սպասուածը արդար վճիռին համար գոհ ըլլալը չէր, այլ արդար վճիռը իրեն ձեռքով տուած ըլլալ եւ չներել որ իրականանային Երուսաղէմի մէջ այն տխուր անցքերը, զորս համառօտիւ քաղեցինք 3130): Իսկ հրաժեշտի ճառը գոհունակութիւն եւ շնորհակալութիւն էր Երուսաղէմէ դառնալէն ետքը ցուցուած պատիւներուն եւ նորէն պատրիարք ընտրելուն համար, եւ խոստում որ Էջմիածնի մէջ ալ սիրտով միացած պիտի մնայ Տաճկահայոց շահերուն, որոնց համար երկար տարիներէ ի վեր աշխատած է (09. ԱՐԼ. 7105 եւ 09. ՄՆԶ. 2433):

3135. ԴՈՒՐԵԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ

Մայիս 22-ին կատարուած պաշտօնական գործերուն գլխաւորը պատրիարքական ընտրութիւնն էր, որուն Իզմիրլեան յատկապէս կը հետապնդէր որ ինքը չմեկնած կատարուի, եւ միանգամայն կ՚աշխատէր որ ընտրեալը Դուրեան Եղիշէ եպիսկոպոսն ըլլայ, զոր իբր իր հաւատարիմ ձեռնասունը կը նկատէր, եւ անոր ընտրութեամբը կը յուսար Տաճկահայոց վրայ իր ազդեցութիւնը մշտնջենաւորել: Ընտրելեաց ցանկը կազմելու համար համագումարի նիստը տեղի ունեցած էր 20-ին, եւ 30 ներկաներէ քուէարկուած 15 անուններէն առաջին եօթներն եղած էին, Եղիշէ Դուրեան 24, Հմայեակ Դիմաքսեան 20, Յովհաննէս Արշարունի 17, Ստեփանոս Յովակիմեան 13, Տրդատ Պալեան 12, Գէորգ Երէցեան 9, եւ Մաղաքիա Տէրունեան 6 քուէով (09. ՄՆԶ. 2431): Քաղաքական ժողովը, որ նախադասելիներու հնգանուն ցանկը կազմելու առթիւ ցուցակի անցուցած էր եօթներէն Դուրեանը, Յովակիմեանն ու Պալեանը, եւ եօթներէն դուրս Վահրամ Մանկունին եւ Գաբրիէլ Ճէվահիրճեանը, որոնք համագումարէն միայն 5 ու 4 քուէ ստացած էին, եւ դուրս թողած էր Դիմաքսեանն ու Արշարունին, որոնք համագումարի ցանկին վերերը կը գտնուէին (09. ՄՆԶ. 2433): Այդ կէտը բաւական խորհրդածութեանց եւ խօսակցութեանց տեղի տուաւ, իբր զի սովորութեան եւ փափկանկատութեան հակառակ էր, եւ եկեղեցականութեան հանդէպ անարգական ձեւ մը ունէր: Զանազան մեկնութիւններէն յարմարագոյն ու հաւանականագոյն ընդունուեցաւ Իզմիրլեանի կողմէ Դուրեանի մասին յայտնուած պաշտպանութիւնը, որուն հետեւելով քաղաքական ժողովը յարմարագոյնները դուրս թողած էր քուէից ցրուումը արգիլելու, եւ անարժէքներու առաջարկութեամբ` Դուրեանը զօրացնելու համար: Ընդհանուր ժողովոյ քուէարկութիւնն ալ այդ նախապատրաստութեանց համաձայն եղաւ, եւ 91 քուէարկուներէն Դուրեան 54 քուէ ստացաւ, իսկ մնացեալ 37 քուէները տրուած էին, 30 Արշարունիի, 3 Դիմաքսեանի, 1 Երէցեանի եւ 3 սպիտակ: Արշարունիին տրուած 30 քուէները տեսակ մը բողոքի նշանակութիւն ունէին` տեղապահին անունին հնգանունէն դուրս թողուելուն դէմ: Ըստ այսմ Դուրեանի պատրիարքութեան ընտրուիլը Իզմիրլեանի յատուկ պաշտպանութեան արդիւնքն եղաւ, թէպէտեւ յետոյ ինքն ալ մեծ գոհունակութիւն զգալու առիթ չունեցաւ: Դուրեան գիրքի ու գրիչի մարդ, վարչական զբաղանքը սկիզբէն իրեն օտար նկատած էր, եւ իր կոչումն ու դիրքը Դպրեվանքն էր, եւ Օրմանեան աշխատած է այնտեղէ հեռանալը արգիլելու: Եթէ Դուրեան իր սիրած ուսումնական կեանքէն զատուելով վարչականին մտնել փափաքեցաւ, ոչ թէ վարչական զբաղմանց վրայ յարգ կամ բաղձանք ունենալէն յառաջ եկաւ, այլ պարզապէս իր ապագային համար նիւթական միջոցներու պէտքը զգալուն հետեւանքն եղաւ, որուն ստուգիւ շատ ձեռնտու չէր Դպրեվանքը, եւ եթէ եկեղեցականի կեանքն ու ապագան դիտենք, անտեղի եւ անիրաւ պիտի չկարենանք ըսել յառաջացեալ տարիքին համար նիւթական միջոցներ պատրաստած ըլլալու անհրաժեշտութիւնը: Դուրեանի Զմիւռնիոյ առաջնորդութեան մէջ ցուցած արդիւնքը վարժարաններու հոգածութեան եւ ուսուցչութեան եւ եկեղեցւոյ բեմէն քարոզչութեան գործերով կը լրանայ, եւ վարչական զբաղմանց կողմէ Զմիւռնիոյ վիճակը մեծ պահանջներ չէր ներկայեր: Իսկ պատրիարքական տեղապահութիւնը գրեթէ աննշան անցած էր, եւ լրագիրներն ալ համարձակ կը գրէին, թէ ժամանակին պահանջներուն համեմատ եղած չէր, եւ ապագային մեծ ակնկալութիւն չէր ներշնչէր, բայց թէ աստ եւ այժմ աւելի վստահութիւն ազդող ընտրելի ալ չկար (09. ԱՐԼ. 7108): Այդ պարագաներուն առջեւ շատեր Արշարունին Դուրեանի կը նախադասէին, որ աւելի գործունէութիւն ցոյց տուած էր Ատանայի աղէտին առթիւ քան Դուրեան ազատութեան հռչակուելուն առթիւ, բայց անոր ալ ջղագրգիռ բնաւորութիւնը շատերուն միտքերը կը պղտորէր, եւ այդ պարագաներու ներքեւ Իզմիրլեանի կողմէ գործածուած ազդեցութիւնը իրեն նպատակին հասաւ, թէպէտ քաղաքականին կազմած հնգանուն ցանկին հակառակ Արշարունիի ստացած 30 քուէները շատ նշանակալից եղան: Ընդհանուր ժողովին Գումգաբուի Մայրեկեղեցւոյ մէջ քուէարկութեան զբաղած ատեն` Իզմիրլեան պատրիարքարան նստած անտարբեր չէր մնար եւ գործողութեանց ընթացքին կը հսկէր:

3136. ԻԶՄԻՐԼԵԱՆ Ի ՊԵՏՐԲՈՒՐԳ

Իզմիրլեան նորընտիր կաթողիկոս մայիս 22-ին Դուրեանի ընտրութեամբ իր դիտած նպատակը իրագործած, 23-ին շաբաթ օր Կ. Պոլիսէ կը մեկնէր հայրապետական աթոռ երթալու, սակայն առաջ դեսպանատան ազդարարութեամբ կը պարտաւորուէր Էջմիածին չգացած նախապէս Պետրբուրգ երթալ եւ կայսեր ներկայանալ: Այս տեսակ մի կարգադրութիւն նախորդներէն Մատթէոսի, Գէորգի, Մակարի եւ Մկրտիչի չէր առաջարկուած, եւ միակ օրինակը Ներսէս Աշտարակեցիի ընտրութեան առթիւ տեսնուած էր 2572): Աչքառու էր Ներսէսի պարագայն, որ հայկական ազգութեան ոգւով տոգորուած եւ նշանակալից ձեռնարկներու գլուխ կանգնած, ռուսական հովանաւորութիւնը վայելելէն ետքը` ռուսական զգուշաւորութեանց ենթարկուած էր 2457), եւ թէպէտ կաթողիկոսական ընտրութիւնը հաստատուած, բայց գործի ձեռնարկելէն առաջ պետական ազդեցութեան ծանրութիւնը զգալ տալու պէտքը նկատի առնուած էր, եւ օծումէն առաջ Պետրբուրգ երթալ հրաւիրուած էր: Նմանօրինակ եւ համանպատակ պէտք է ըսել Իզմիրլեանի ալ առաջարկուած նախապէս Պետրբուրգ երթալու պարտադիր հրաւէրը: Իզմիրլեանի ծանօթ էր պօլօժէնիէի ռուսական օրէնքին դէմ բանիւ եւ գրով եւ գործով յայտնած բուռն հակառակութեամբը 2890 եւ 2913), եւ նոյն իսկ ռուսական կառավարութեան դէմ յայտարարութիւններովը, ազգային խնդիրներու մէջ բռնած ուղղութեամբը, առաջին պատրիարքութեան ատեն Ռուսիոյ հանդէպ ցրտութեամբը 2916): Վերջապէս անտարբեր չէր վերջին օրեր դաշնակցական բանախօսի պոռոտախօս յորդորներուն հանդէպ լռութիւնը, որ կը թելադրէր ուժգին դիմադրել ռուսական բռնապետութեանց, որ իր կողքին օգնական կանգնած են դաշնակցական շարքերը: Իզմիրլեանի այդ հակառուսական զգացմանց ծանօթութիւնն էր անշուշտ որ զայն նախապէս Պետրբուրգ տանել եւ քաղցր միջոցներով մեղմացնելու միջոցը կը թելադրէր, որպէսզի ըստ այնմ ազդուի իր առաջիկայ գործադրութեանց մէջ: Այս հրաւէրին պատասխանած էր նորընտիրը թէ զայն իբրեւ պատիւ կ՚ընդունի, եւ միանգամայն կ՚աւելցնէր թէ չեւ օծուած պիտի չկարենայ ներկայանալ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ ծայրագոյն պատրիարքի հանգամանօք, այլ իր ամենախորին յարգանքները անպաշտօն հանգամանօք պիտի մատուցանէր, եւ այդ միտքը գիրով կը հաղորդէր դեսպանին, խնդրելով որ իւր խոնարհ տեսութիւնները դնէ յոտս կայսերական գահոյից ( ՄՐԴ. 92-93), եւ այդ գիրը ընդհանուր ժողովին ալ հաղորդեց (09. ԱՐԼ. 7108): Հարկաւ Իզմիրլեան ինքն ալ լաւ թափանցած էր ռուսական կառավարութեան թաքուն դիտումին, որ այս կերպով կ՚ուզէր թեթեւցնել իր Պետրբուրգ երթալուն նշանակութիւնը: Իսկ ռուսական հողին ոտք դնելէն ետքը չափազանց մտադրութիւն կը դարձնէր ռուսական կայսրը բարձրացնելու, ռուսական օրէնքները յարգելու, եւ ժողովուրդը բուռն եւ յախուռն շարժումներէ զգուշացնելու, ուր բացարձակը անհնար է` հնարաւոր դարմաններով եւ կացութեամբ գոհանալու, եւ այդ խօսքեր կապ ունէին նոյն օրեր վարչական կասկածներով Հայոց վրայ կատարուած ձերբակալութեանց հետ, եւ յատուկ նշանակութիւն կ՚առնէին: Կ. Պոլիսէ մեկնիլը տեղի ունեցաւ մայիս 23-ին շաբաթ օր կէսօրէն առաջ, Գումգաբուէ Թօփհանէ կառքերով, եւ Թօփհանէէն, որ դեսպանաց սովորական նաւամատոյցն է, ռուսական պահականաւին մակոյկներով անցաւ Օտեսա մեկնող երթեւեկի շոգենաւին վրայ: Սովորական ոգեւորութիւնը սաստիկ էր, եւ ողջերթ մաղթող պետական եւ օտարազգի եւ ազգային ներկայացուցիչներ բազմաթիւ էին ( ՄՐԴ. 10 եւ 09. ԱՐԼ. 7105): Իզմիրլեանի կուղեկցէին Էջմիածինէ եկող չորս հրաւիրակները, եւ Կ. Պոլիսէ աւելցան, Երուսաղէմի միաբան Մեսրոպ վարդապետ Նշանեան, որ Երուսաղէմէ ուղեկցած էր եւ զոր Իզմիրլեան իրեն մօտ պահած էր իբր վստահելի եւ մտերիմ քարտուղար ու գաւազանակիր, եւ Գրիգորիս վարդապետ Պալաքեան Դպրեվանքի աշակերտութենէն, որ Գերմանիա գտնուած եւ գերմաներէնի հմուտ ըլլալով օգտակար պիտի ըլլար ուղեւորութեան միջոցին, եւ ազգային ժողովին կողմէն իբրեւ պատուադիր ուղեկից Մինաս Չերազ իր ատենապետը: Մայիս 23-ին կէսօրէն քիչ առաջ մեկնող շոգենաւը, միւս օր 24-ին` կէսօրէն քիչ ետքը Օտեսա հասաւ, եւ ամէն կողմերէ եկած պատուիրակութիւններ մեծահանդէս ընդունելութիւն կատարեցին, Բեսարաբիոյ առաջնորդ Ներսէս Խուտավէրտեան եպիսկոպոսի գլխաւորութեամբ, որուն կ՚ընկերանար Արտակ Սմբատեան վարդապետը, եւ քահանայից ստուար խումբ մը, որոնց հետ նախ եկեղեցի առաջնորդուեցաւ: Նոյն օրը հանդիսական ցոյցերով անցաւ, եւ եկեղեցպան Սիրական Աստուածատուրեանի տունը գիշերեց, միւս օր երկուշաբթի կայսրուհւոյն ծննդեան տարեդարձին մաղթանքին նախագահեց, օրհնեց եւ օրհնաբանեց, կայսեր հեռագրեց եւ պատասխան ստացաւ, տեղական իշխանութիւններէ մեծարուեցաւ, եւ կէսօրին երկաթուղիով մեկնեցաւ միշտ համակրական ցոյցերու մէջ. հետեւորդներուն աւելցած էին Ներսէս եպիսկոպոս եւ Արտակ վարդապետ ( ՄՐԴ. 11-13): Օտեսայէ ուղիղ ճանապարհորդեց մինչեւ Պետրբուրգ, ուր հասաւ մայիս 27-ին չորեքշաբթի կէսօրէն առաջ: Ընդունելութիւնը պատրաստուած էր ամենայն շքեղութեամբ, կայարանի մէջ, եկեղեցւոյ ճամբուն վրայ, եւ եկեղեցւոյ մէջ, եւ իշխան Աբիմելիք-Լազարեանի ապարանքը ուր պիտի օթեւանէր, եւ այն օր անցուց այցելութիւններով եւ ուղերձներով: Մայիս 28-ին առաջին այցելութիւնը տուաւ նախարարապետ Ստօլիպինի ( ՄՐԴ. 14-18), որուն հետ սիրալիր եւ պատուաւոր տեսակցութիւն ունեցաւ թարգմանչութեամբ հայերէնագէտ Նիկողայոս Մարը ուսուցչապետին, եւ այս առթիւ որոշեց իւր ուղղութիւնն ու կաթողիկոսական ապագայ գործունէութեան ընդհանուր ծրագիրը ( ՄՐԴ. 36-38): Յատկապէս խօսեցաւ երդումներուն հայերէն ըլլալուն, դպրոցներու ծրագիրը ընդլայնելուն, եւ հայ բանտարկեալներ արձակելու մասին (09. ԱՐԼ. 7120): Կայսերական ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ ուրբաթ 29-ին (09. ԱՐԼ. 7111), եւ կայսրը յայտնեց օծումէ առաջ տեսնալուն համար գոհունակութիւնը, եւ մանաւանդ իր վստահութիւնը, թէ հոգ պիտի տանի որպէսզի երիտասարդութիւնը Ռուսիոյ հանդէպ սիրոյ եւ անձնուիրութեան ոգիով տոգորուի: Կաթողիկոսը կայսեր ալ ուղղեց բանտարկեալներուն ազատութեան խնդրանքը, որուն համար արդէն Ստօլիպին ըսած էր թէ անմեղները կ՚արձակուին եւ յանցաւորները դատարանին կը յանձնուին (09. ԱՐԼ. 7120): Կայսրը վստահութիւն յայտնեց, թէ պիտի յորդորէ իւր հօտը դէպի խաղաղ եւ առաքինի կեանք ու հնազանդութիւն օրինական իշխանութեանը (09. ԱՐԼ. 7120), ինչ որ նշանակալից իմաստ ունէր: Ունկնդրութենէն վերջ յանձնուեցան կայսերական հրովարտակը եւ վեղարի ադամանդակուռ խաչը (09. ԱՐԼ. 7112): Եկեղեցական հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ կիրակի 31 մայիս, Էջմիածինի կաթողիկէի տօնին, եւ Իզմիրլեանի Պետրբուրգ այցելելը շաբաթ մը տեւեց, մայիս 27-էն յունիս 4, որուն մէջ առիթ ունեցաւ թէ քաղաքին նշանաւոր տեղերը տեսնել, եւ յատկապէս կայսերաց դամբարանն, ուր արծաթեայ պսակ մը դրաւ Աղեքսանդր Գ. գերեզմանին վրայ, եւ թէ ազգային կեանքով հետաքրքրուեցաւ, եւ թէ Ռուսաց մետրապոլիտին եւ պետական անձերու հետ այցելութիւններ փոխանակեց, եւ շահագրգիռ տեսակցութիւններ ունեցաւ: Յունիս 3-ին մայր կայսրուհիէն ալ ընդունուեցաւ, ուր ճաշի ալ մնաց, եւ վերջապէս յունիս 4 հինգշաբթի երեկոյ մեկնեցաւ միշտ համակրական ցոյցերու մէջ, եւ ուղեւորեցաւ Մոսկուա, ուսկից յատուկ հրաւիրակներ ալ եկած էին:

3137. ՊԵՏՐԲՈՒՐԳԷ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Պետրբուրգէ Էջմիածին հանդիսական եւ գրեթէ յաղթական գնացք մը եղաւ Իզմիրլեանի ուղեւորութիւնը: Նոր կաթողիկոսի հանդէպ սովորական ցոյցերուն կը բարդուէին, Իզմիրլեանի անձին շուրջը դարձած պարագաները, ընդդիմադիր ընթացքը գովուած, հալածանքն ու աքսորը արգահատուած, եւ ընտրութեան հաստատութիւնը ազգային յաղթանակ նկատուած, որ աւելի փայլ առած էր կայսերական այցելութեան եւ պատուադիր ու պատուաբեր ընդունելութեանց եւ մտադրութեանց լուրերովը, որոնք բերնէ բերան կը խօսուէին ամէն կողմ: Յատուկ խնդութեան եւ խնդակցութեան առարկայ եղած էր կայսեր կողմէն խոստացուած ըլլալը թէ ձերբակալեալները կ՚արձակուին ինքն Էջմիածին չհասած (09. ԱՐԼ. 7118), թէպէտեւ կային Իզմիրլեանի այդ մասին խնդրանքը անժամանակ եւ կայսեր խոստումը առերեւոյթ կարծողներ: Իզմիրլեան յունիս 4-ի երեկոյին Պետրբուրգէ մեկնելով 5-ին ուրբաթ առտու Մոսկուա մտաւ, ուր խանդավառութիւնը շատ աւելի եղաւ քան Պետրբուրգ, որուն հայաբնակութիւնը նուազ է. ցոյցեր կրկնուեցան կայարանի մէջ, եկեղեցին եւ Յովհաննէս Ժամհարեանցի ապարանքը ուր օթեւանեցաւ. անհնարին էր բազմութիւնը, հետեւող կառքերը հարիւրաւոր կաթողիկոսին կառքը վեցաձի, ուղերձները ոգեւորեալ, եւ կեցցէները անսպառ: Կաթողիկոսը աւելի եւս կ՚ոգեւորուէր ժողովուրդը եռանդուն յայտարարութիւններով, բոլորանուէր ընծայուելով աթոռին եւ ազգին, ապագան չափաւորութեան եւ օրինապահութեան վրայ հաստատելով, եւ ազգին ամէն դասակարգերուն օժանդակութիւնը անհրաժեշտ հռչակելով: Գերեզմաննոցը, Լազարեան ճեմարանը, կայսերական պալատը, ռուսական եկեղեցիները յատկապէս գրաւեցին իր մտադրութիւնը: Եկեղեցական արարողութիւնը կատարուեցաւ յունիս 6-ին Մեծին Ներսէսի տօնին, եւ 7-ին Մոսկուայէ մեկնելով 8-ին հասաւ Ռոստով, ուսկից հանդիսաւոր թափօրով անցաւ Նոր-Նախիջեւան հայաքաղաքը ( ՄՐԴ. 25-29): Այստեղ կրկնուեցան եւ կրկնապատկուեցան հանդիսական եւ համակրական ցոյցերը, եկեղեցական արարողութիւնը կատարուեցաւ երկուշաբթի 9-ին հայրապետական հոգելից քարոզով: Միւս օրը յատկացուեցաւ կարեւոր տեղերու այցելութեան եւ պաշտօնական հացկերոյթի, եւ 11-ին հինգշաբթի օր ուղեւորեցաւ դէպի Տփղիս ուղղակի, կանխելով լուր տալ Արմաւիր, Վլատիկաւկաս, Տէրբէնտ, Բագու, Գանձակ, եւ ուրիշ երկրորդական քաղաքներու հայաբնակութեանց, թէ ոչ մի քաղաքում հանգստանալու չէ ( ՄՐԴ. 30-31): Ուստի ժողովուրդը գոհացաւ կայարաններու մէջ ցոյցեր կատարելով, որոնց գլխաւորն եղաւ Բադուցոց հանդիսական ցոյցը Բալազարի կայարանը յունիս 13-ին, Լուսաւորչի Գիւտի Նշխարաց շաբաթ օրը ( ՄՐԴ. 31-34): Ճամբուն մէջ ներկայացան Գանձակի պատգամաւորները, եւ Աղստաֆայի կայարանը հաւաքուած էին բոլոր շրջակայից ներկայացուցիչները եւ Տփղիսի հրաւիրակ պատգամաւորութիւնը: Միշտ նոյն ոգեւորութիւն, նոյն խանդավառութիւն, եւ կաթողիկոսին կողմէն նոյն յայտարարութիւններ: Յատուկ յիշատակութեան արժանի է Աղստաֆայի մէջ Ղազախի Թուրքերուն պատուիրակութիւնը` Մահյատ Եազուբովի գլխաւորութեամբ ( ՄՐԴ. 34-38): Տփղիս հասնիլը տեղի ունեցաւ յունիս 14-ին կիրակի կէսօրին: Մինչեւ Տփղիս անցած տեղերը կրնային իբր պարզ գաղութներ նկատուիլ, մինչ Տփղիս հայ կեդրոն էր, եւ նոյն համեմատութեամբ առատացան հանդէսները եւ ցոյցերը, խանդավառութիւններն ու յայտարարութիւնները: Տփղիսի կայարանին մէջ առաջին բարի գալուստ մաղթողն եղաւ փոխարքայէն յղուած պատուիրակութիւնը. հետզհետէ հետեւեցան ազգային ներկայացուցիչները: Մեծահանդէս թափօրով եկաւ վանքի Մայրեկեղեցին ուր մտաւ հրաշափառով, աղօթեց եւ օրհնեց ու խրատեց, յանձնարարելով օրինապահութիւն, կարգապահութիւն, խոհեմութիւն եւ զգուշաւոր գործունէութիւն, յախուռն եւ հետեւանքը չկշռուած գործողութիւններէ խուսափում, եւ դէպի ռուսական հզօր կայսրութիւնը հաւատարմական զգացումներու ամրապնդում ( ՄՐԴ. 43): Նոյն օր այցելեց Վրաստանի Մայրեկեղեցին Վորոնցով-Տաշկով փոխարքային, եւ ընդունեց քաղաքագլխութեան պաշտօնակատար Խատիսեանի եւ անդամոց այցելութիւնը ( ՄՐԴ. 43-45): Յունիս 16 երկուշաբթի օրը յատկացուեցաւ ազգային մարմիններու ընդունելութեան, սկսելով քահանայական դասէն որ 60 անձերով ներկայացաւ, Գարեգին Սաթունեան առաջնորդի գլխաւորութեամբ, ուր վիճակագրական տեղեկութիւններ ալ հաղորդուեցան կաթողիկոսին, եւ կաթողիկոսը պատշաճ ազդարարութիւններ ըրաւ հոգեւորական պաշտօնէութեան ( ՄՐԴ. 46-51): Այցելութիւններ միւս օրն ալ շարունակեցին, որոնց մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսը, իսլամական դենպետը, Էջմիածինէ եկող պրոկուրորը, եւ ռուս եկեղեցական եւ պետական պաշտօնէութիւններ: Կաթողիկոսը գլխաւոր այցելութիւնները փոխադարձեց, իսկ եկեղեցական արարողութիւնն ու քարոզը տեղի ունեցան յունիս 18-ին, Սահակայ եւ Մեսրոպայ տօնին օրը: Կատարուեցաւ Սեդրաքեան Արիստակէս եպիսկոպոսի տապանաքարին բացումը, 19-ին այցեց Մետեխի բանտը, ուր է Ս. Շուշանիկի գերեզմանը, եւ առիթ ունեցաւ բանտարկեալներուն խօսիլ, յիշելով թէ ինքն ալ կրած է բանտարկութեան ծանր հոգեկան տանջանքները ( ՄՐԴ. 58), թէպէտեւ Երուսաղէմի փառաւոր վանքը շատ տարբեր է Մետեխի խիստ բանտէն: Յունիս 20-ին կատարուեցաւ Աղեքսանդր Մանթաշեանցի բարերարութեամբ կառուցուելիք Ներսիսեան նոր վարժարանին հիմնարկէքը ( ՄՐԴ. 56): Ժողովրդականներն ալ պահ մը կաթողիկոսի աջը համբուրելու ընդունուեցան, եւ վերջապէս հասնելուն տասներորդ օրը, յունիս 23-ին երեքշաբթի առտու, Տփղիսէ մեկնեցաւ ( ՄՐԴ. 63), Սանահին գիշերեց, 24-ին պահ մը դադար առաւ Ղարաքիլիսա, եւ երեկոյին հասաւ Աղեքսանդրապոլ եռանդուն հայաքաղաքը, ուր դարձեալ մեծ ընդունելութիւն էր պատրաստուած, եւ ցոյցեր եւ հանդէսներ կրկնուեցան: Յունիս 25-ին հինգշաբթի այցելեց Անիի աւերակները, ուր իրեն առաջնորդեց ուսուցչապետ Նիկողայոս Մարը նոր պեղումներու վերակացուն, 26-ին Ղօշավանք եւ Արգինա ալ այցելեց, եւ 27-ին կատարուեցան պաշտօնական ընդունելութիւնները ( ՄՐԴ. 76-81) ուղերձներով եւ պատասխաններով: Յունիս 28-ին կիրակի առտու Աղեքսանդրապոլէն մեկնելով, կէսօրը ժամ մը անցած հասաւ Կորխուն գիւղի մօտ եղող Էջմիածին կայարանը, եւ սկսան աթոռական ընդունելութեան պատշաճները, ուսկից երկու ժամուան կառքի ճամբով հասաւ Վաղարշապատ, մտաւ Մայրտաճարը եկեղեցական արարողութեամբ, ուխտը կատարեց եւ ողջունուեցաւ տեղակալ Գէորգ Սուրէնեանէ ( ՄՐԴ. 82), բարձրացաւ վեհարան, եւ յետոյ վանքի սեղանատան մէջ նախագահեց 200 հոգւոյ հացկերոյթին, եւ լուսավառութիւն կատարուեցաւ ըստ սովորութեան ( ՄՐԴ. 83-85): Երկուշաբթի առտու 29-ին կատարուեցաւ միաբանութեան ամբողջական ընդունելութիւնը, եւ այդ առթիւ Իզմիրլեան երկարօրէն խօսեցաւ եկեղեցւոյ եւ ազգին կացութեան, առաջիկային պէտք եղած աշխատութեանց, եւ եկեղեցականութեան ու միաբանութեան պարտաւորութեանց վրայ: Ռուսական դեսպանատան ուղղած գիրն ալ հաղորդելով ուզեց շեշտել թէ չեւ օծեալ իսկապէս կաթողիկոս չէ, եւ բացատրել նախապէս Պետրբուրգ երթալուն պարագայն ( ՄՐԴ. 86-94):

3138. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ ՕԾՈՒՄ

Այն օրէն որ Իզմիրլեան Կ. Պոլսոյ մէջ ընդհանուր ժողովին հրաժեշտի ողջոյնը կու տար, մինչեւ Մայրաթոռոյ միաբանութեան պաշտօնական ընդունելութիւնը, 40 օրեր անցեր էին, եւ այդ միջոցին Իզմիրլեան գրեթէ կրկնապատիկ թուով բանախօսութիւններ եւ յայտարարութիւններ արտասանած էր եկեղեցւոյ պէտքերը, ազգի կարօտութիւնները, փութաջան աշխատութիւններ եւ փոխադարձ օժանդակութիւններ բացատրած, եւ ամենուն աչքը սեւեռեալ էր անոր Մայրաթոռ հասնելուն, որպէսզի զայն անմիջապէս գործի ձեռնարկած տեսնէ: Եւ որովհետեւ պաշտօնապէս եւ անպաշտօն կերպով շարունակ կրկնած էր թէ կաթողիկոսութիւնը օծմամբ կը նուիրագործուի եւ օծմամբ կը ստացուի իշխանութիւն վարելու իրաւունքը, ամէն ոք կ՚ակնկալէր որ հասնելէն քիչ օր ետքը արարողութիւնը կը կատարուի եւ գործունէութիւնը կը սկսի: Ուստի յուսախաբութեան կերպ մը առաւ, երբ միաբանութեան խօսած յայտարարութիւններէն ետքը լսուեցաւ թէ կաթողիկոսական օծման հանդէսը յետաձգուած է սեպտեմբեր 13-ին Խաչվերացի տօնին, հասած օրէն 78 օր կամ երկուքուկէս ամիս անդին: Իրօք ալ քանի մը օր Էջմիածին անցընելէ յետոյ, կը մեկնէր Բիւրականի ամարանոցը, իրեն հետ տանելով Նշանեան եւ Պալաքեան Կ. Պոլիսէ ընկերացող վարդապետները, եւ մեկնելու պահուն յատկապէս կրկնելով Սուրէնեան տեղակալին, թէ ինքն տակաւին կաթողիկոս չէ, եւ աթոռին ու վանքին գործերը պէտք է նա վարէ ըստ առաջնոյն: Յապաղման պատճառը տօթագին եղանակն էր, որ պէտք չէր ազդեր եկեղեցւոյ գործերուն, եթէ արգելք ալ ըլլար ժողովուրդին յաճախելուն, հանդէսին փառաւորութեան, եւ նիւթական արդիւնքին առաւելութեան: Եթէ սինոդէն ալ ըլլար թելադրութիւնը, Իզմիրլեանէ կը սպասուէր երկրորդական եւ ցուցադրական պատճառանքներով իր գործունէութիւնը չկասեցնել եւ անտարբերութեան երեւոյթով չսկսիլ իր պաշտօնավարութիւնը: Եթէ երկարելը հարկ տեսած էր. գոնէ պէտք չէր որ ուղեւորութեան մէջ շտապէր, անցած տեղերը աւելի զբաղէր, եւ գլխաւոր տեղերն իսկ անտեսելով չանցնէր, կամ թէ ինչպէս որ նախորդներուն օրով սովորութեան մտած էր, կաթողիկոսական գործունէութիւնը օծման հետ խստիւ չկապէր, եւ երկուքուկէս ամիս ամարանոցի մէջ ու աթոռէն հեռու ձեռուըները ծալլած, չնստէր, ինչ որ լաւ տպաւորութիւն չթողուց, մանաւանդ հեռաւոր տեղեր, եւ յայտնի է որ առաջին տպաւորութիւնը մեծ նշանակութիւն եւ բաւական կշիռ կ՚ունենայ յաջորդ գործունէութեան վրայ: Իզմիրլեան կաթողիկոսի առանձնացեալ կեանքը շարունակեց մինչեւ Խաչի շաբաթապահքը, եւ հանդէսէն երկու օր առաջ սեպտեմբեր 11-ին ուրբաթ օր 50-ի չափ հաւաքուած տաճկահայ ուխտաւորներու յարգանքը ընդունեց, 12-ին ռուսական հպատակութեան եւ հաւատարմութեան երդումը կատարեց Մայրտաճարի մէջ, Երեւանի նահանգապետ կոմս Տիզէնհաուզէնի ներկայութեամբ, եւ 13-ին առտուն տեղի ունեցաւ օծման արարողութիւնը` Սմբատեան Մեսրոպ եպիսկոպոսի գլխաւորութեամբ եւ սովորական պայմաններու մէջ: Հեռուէ եկող ներկայացուցիչները չափաւոր էին, շատ տեղերէ միայն մէկմէկ հոգի (09. ԱՐՐ. 711), իսկ Վաղարշապատցիներ եւ Երեւանցիներ եւ շրջակայ գիւղացիներ, որոնք իբր տասն հազար կ՚ըսուին (09. ԱՐՐ. 707), ամէն առթին գտնուողներն են: Պաշտօնական հացկերոյթին ներսէն ու դուրսէն մօտ երեք հարիւր անձեր մասնակցած են, եւ ամբոխը երեկոյին գիւղական պարերով եւ երգերով եւ նուագարաններով ուրախութիւն կատարած է (09. ԱՐՐ. 710): Եկեղեցական արարողութեան կատարուելէն ետքը Մատթէոս Բ. կաթողիկոս սկսաւ գործերու ձեռնարկել, անդրանիկ օրհնութեան կոնդակը հրատարակեց սեպտեմբեր 24-ին, օծումէն 11 օր ետքը, նոյն օր արձակուեցաւ նաեւ պաշտօնական կարգադրութեանց առաջին կոնդակը (09. ԱՐՐ. 778): Այստեղ կ՚ընդհատենք Մայրաթոռոյ անցքերը, առաջիկային թողլով Մատթէոս Իզմիրլեանի կաթողիկոսական գործունէութեան տեղեկութիւնները, եւ կը դառնանք Կ. Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի եղելութեանց:

3139. ՎԵՀԱՊԵՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱՆԿ

Կ. Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի միջեւ տեղի ունեցած եղելութեանց գլխաւորը նոյն ինքն Երուսաղէմի աթոռին եւ միաբանութեան վիճակն էր, որուն տխուր նկարագիրն ու աճումը բացատրած ենք 3126), Կ. Պոլիսէ յղուած պատուիրակութեան ապարդիւն ելքն ալ պատմած 3129), եւ ակնարկած Յարութիւն պատրիարքը ամբաստանելու եւ պաշտօնանկելու տարադէպ խորհուրդին 3131): Վարչութիւնն իր ամբաստանագիրը պատրաստեց յունիս 10 թուականով ( ՏՂԿ. Զ. 14-19), որուն մէջ համառօտ պատմականէ մը ետքը վարչութիւնը զբաղած էր հաշուական խնդիրով, որուն քննութիւնը յատուկ յանձնաժողովի յանձնուած էր ընդհանուր ժողովէ, իսկ վարչութիւնն ինքն կ՚աշխատէր վանքին ելեւմտական վիճակին տէր դառնալ անմիջական հսկողութեան միջոցներով ( ՏՂԿ. Զ. 14), որովհետեւ Երուսաղէմի մէջ այնպիսի փոփոխութիւններ տեղի ունեցած էին որ կացութիւնը հիմնապէս կը խանգարէին, եւ Յարութիւն պատրիարք սկսած էր Երուսաղէմ ՚ ի գործակցութիւն հրաւիրել զանոնք, զորս իբր մեղապարտ, վտարած էր, եւ ապստամբ ու միակ յանցապարտ ներկայացնել զանոնք որոց հետ համաձայն կ ՚ երեւար յառաջագոյն: Ասոր վրայ ղրկուած էր պատուիրակութիւնը, որ չէր ընդունուած Երուսաղէմի կողմէ, եւ կեանքի վտանգէ փախչելով ձեռնունայն ետ էր դարձած 3129): Կառավարութիւնն ալ այդ նոր կացութեան պաշտպանութիւն կ՚ընէր, եւ կեդրոնը անձեռնհաս կը նկատէր Երուսաղէմի գործերուն միջամտելու. հետեւաբար կը մնար միայն սահմանադրութենէն օգտուիլ, եւ անոր կազմած պայմանին հետեւողութեամբ պատրիարքը պաշտօնէ դադրեցնել եւ գործերը նոր տեղապահի յանձնել. իսկ առ այս պէտք կ՚ըլլար պատրիարքը ամբաստանել եւ պաշտօնանկել: Այս նպատակին համար կազմուած էր ամբաստանագիրը, եւ ճանչնալով հանդերձ Վեհապետեանի տարիքի բերմամբ տկարութիւնը ( ՏՂԿ. Զ. 18), զայն պատասխանատու կը նկատէր կանոնի հակառակ վարմունքին եւ կանոնները չգործադրելուն, եւ այս կէտերու վրայ հիւսուած էր ամբաստանագիրը, որով երեսփոխանութենէ կը խնդրէր Յարութիւնի դէմ դատապարտութեան եւ պաշտօնանկութեան վճիռը եւ տեղապահի անուանումը: Որչափ ալ վարչութիւն իր գրութեան օրինական ձեւ տալու աշխատած էր, սակայն անհնարին է չտեսնել անոր մէջ օրէնքի մեկնութեան ձախող տեսակէտը: Տարիքի բերմամբ անկարողութիւնը աւելի արդարացման փաստ էր քան թէ դատապարտութեան. նոյնպէս հակառակ յայտարարութիւններ ընելը աւելի բռնութեան ներքեւ ընկճուած ըլլալը կը հաստատէր եւ ոչ թէ օրէնքի ընդդիմութիւն կը ցուցնէր: Պատուիրակութեան բերած տեղեկութիւնները եւ Իզմիրլեանի անձնական գիտակցութիւնը, ուղիղ տրամաբանութեան կանոնով պէտք էր վարչութիւնը առաջնորդէին պատրիարքը բռնութենէ ազատելու եւ իրեն կարող եւ գործունեայ օգնական մը տալու, եւ ոչ թէ տկար պատճառաբանութեամբ պաշտօնանկութեան ծրագիրը յղանալու: Այդ կէտը երեսփոխանութեան մէջ ալ նկատի առնուեցաւ յուլիս 3-ի նիստին մէջ (09. ԱՐԼ. 7141), եւ ամբաստանագիրին դէմ խօսողներ եղան Դիմաքսեան Հմայեակ եպիսկոպոսի գլխաւորութեամբ, եւ փոխանորդ կամ օգնական նշանակելու միջոցը յիշուեցաւ: Սակայն այսպէս խօսողներ ուղղամիտ չնկատուեցան, գուցէ եւ չէին իսկ, այլ Մաքսուտեանի եւ իրեն կողմնակիցներու պաշտպան ըմբռնուեցան, զի եւ Մաքսուտեան ինքն ալ կը պարծենար եւ ամբաստանագիրին դէմ խօսողները իրեն նպաստաւոր կը ցուցնէր (09. ԱՐԼ. 7158): Միւս կողմէն Երուսաղէմի նոր տիրապետողներն ալ օգնականի խնդիրը կանխաւ ընդգրկած եւ Երէցեանը այդ պաշտօնին նշանակած էին (09. ՄԻԱ. 52), եւ այդ պարագայն ալ օգնականի ձեւը շատերուն աչքին կասկածաւոր կը ցուցնէր: Սակայն այդ տեսութիւններ գործին հիմը այլայլելու պէտք չէր ծառայէին, եւ խորաթափանց վարչութեան աչքին դժուար պիտի չըլլար անուղիղ միտքերը ուղիղ մտայնութենէ ատել, եւ առանց Երուսաղէմի բռնադատ գործիչներու միտքին եւ առանց Մաքսուտեանի անձնականութեան ծառայելու, ուղիղ տրամաբանութեան ցուցածը գործադրել, եւ միանգամայն անոնց միտքը չիրականացնել: Առ այս բաւական էր գործերն ու իրերը իրենց նախնական վիճակին վերադարձնել, նոր տիրապետողներուն գլխաւորներէն քանիները հեռացնել, զի մեծամասնութիւնը զօրաւորին հետեւողներէն կազմուած էր, ինչպէս ամէն տեղ եւ ամէն ատեն կը հանդիպի: Այսչափով Յարութիւն պատրիարք բռնութենէ ազատած եւ օգնականով զօրացած, իր նախնական միտքին եւ իր համոզումին համաձայն գործելու ազատութիւնը կը վերստանար: Յուլիս 3-ի ընդհանուր ժողովը բաւական վէճերէ վերջ, վարչութեան տեսակէտէն վարուեցաւ, եւ անուղղակի տեսութիւններէ տարուեցաւ, եւ վարչական ամբաստանագիրը նկատի առնելու յանգեցաւ, եւ իբր ձեւակերպութեան պահանջ` տասն անդամներէ բաղկացած յանձնաժողովի յանձնեց ի նախազննութիւն: Այս որոշման իբր նոր փաստ ծառայեց, մայիս 12-ին յայտնուած միտքին դէմ 3131) Յարութիւն պատրիարքի անուամբ կառավարութեան մատուցուած բողոքը, զոր ոմանք իբր ազգային վարչութեան դէմ դաւաճանութիւն կոչելու հասան (09. ԱՐԼ. 7141): Նախաքննիչ յանձնաժողովը իր եզրակացութիւնը ներկայեց յուլիս 17-ի նիստին, որով Յարութիւնը մեղապարտ կը դատէր իբր նախագահ ու տնօրէն ու վարիչ ներկայ անկարգութեանց ծագելուն եւ կանոնները չգործադրելուն, եւ իբր մեղմացուցիչ պարագայ կ՚ընդունէր երկար տարիներ ազգին ծառայած ըլլալը եւ անկարողութեան մէջ գտնուիլը, ուստի կ՚առաջարկէր պարզապէս պաշտօնէ հեռացնել եւ տեղապահ նշանակել: Այդ տեղեկագիրը առիթ տուաւ ամբաստանագիրին շուրջը կատարուած վէճերը վերանորոգել. սակայն վերջիվերջոյ վարչութեան տեսակէտը յաղթանակեց եւ 75 քուէարկուներու (09. ԱՐԼ. 7152) 39 քուէով եւ շատեր ձեռնպահ մնալով, տեղապահ կարգելու որոշումը հաստատուեցաւ (09. ՄՆԶ. 2443): Որոշում մը սակայն, որ իր մէջ ընդդիմամարտ եւ օրինաց անհամաձայն եւ նպատակին անյարմար ըլլալովը, ոչ օգտակար կրնար ըլլալ եւ ոչ ալ եղաւ: Գլխաւորապէս դատապարտեալ եւ պաշտօնանկ պատրիարքը պէտք չէր որ այլեւս իր տեղը մնար. մինչ որոշումը ոչ միայն զայն իր տեղը կը պահէր, այլեւ պատրիարքական պատուոյն ու դիրքին բոլոր պահանջները անփոփոխ կը թողուր, եւ պաշտօնանկութիւնը հեռացում կոչելով կը կարծէր ամէն անտեղութեանց առաջքն առած ըլլալ:

3140. ԱՆՈՐՈՇ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Ստեփան Գարայեանի ատենապետութեամբ եւ Յարութիւն Շահրիկեանի նախաձեռնութեամբ գործող վարչութիւնը, խիթալով գուցէ որ օր անցնելով որոշման մասին փոփոխութիւն մը ծագի, նոյն օր յուլիս 17-ի նիստին մէջ շուտափոյթ հապճեպով տեղապահի ընտրութիւնն ալ կատարել կու տայ: Առաջուընէ ընդունուած էր որ ընտրելին հարկաւ Երուսաղէմի միաբան ըլլայ, եւ միանգամայն ընդդիմադիր կուսակցութիւններէ եւ ոչ մէկուն պատկանի եւ խնդիրներէն անմասն մնացած ըլլայ: Այդ պայմաններու համապատասխանող գտեր էին միայն Կեսարիոյ առաջնորդ Պալեան Տրդատ եպիսկոպոսը եւ Ադրիանուպոլսոյ առաջնորդ Յակոբեան Դանիէլ վարդապետը: Առաջինին դէմ իսկոյն Ժիրայր Պօյաճեանի մահապարտութեան խնդիրը յարուցուեցաւ, եւ միակ ընտրելի մնաց Յակոբեանը, եւ 64 քուէարկուներէն 59 քուէով Երուսաղէմի տեղապահ հռչակուեցաւ. Պալեան եւ Օրմանեան մէկմէկ քուէ առած էին եւ երեք սպիտակ ելան. որով Յակոբեան գրեթէ միաձայնութեամբ ընտրուած եղաւ: Իսկոյն կառավարութեան մատուցուելիք յիշատակագիրն ալ պատրաստուեցաւ, որուն մէջ իբր հիմ կը գրուէր Յարութիւն պատրիարքի ներքին կանոնագիրին տրամադրութեանց հակառակող ընթացքը, եւ ծանօթ անկանոնութեանց եւ զեղծմանց առջեւն չառնելը, կ՚ընդունուէր ծերութեան անկարողութիւնը, եւ որոշումը կը հիմնուէր սահմանադրութեան 19-րդ յօդուածին վրայ, եզրակացնելով Յարութիւն պատրիարքի ամբաստանելով հեռացումը եւ Յակոբեան Դանիէլ վարդապետի տեղապահ ընտրուիլը (09. ԱՐԼ. 7152): Կառավարութեան հաստատութիւնը իմացուեցաւ յուլիս 30-ին (09. ԱՐԼ. 7163), եւ պաշտօնագիրը յանձնուեցաւ օգոստոս 5-ին (09. ԱՐԼ. 7168), եւ 7-ին ինքն ալ Ադրիանուպոլիսէ Կ. Պոլիս հասաւ (09. ԱՐԼ. 7169), եւ վարչութեան ծրագիրը իր լրումը ստացած եղաւ: Սակայն անհնար է չաւելցնել թէ նպատակայարմար եւ ազդեցիկ կարգադրութիւն մը չեղաւ: Նախ ընտրեալ տեղապահին անձէն սկսելով անոր ոչ դիրքը եւ ոչ ձիրքը, ոչ նախընթացը եւ ոչ գործունէութիւնը պէտք եղած վստահութիւնը չէին ներշնչեր որ կարենայ դժուարին կացութեան եւ կնճռոտ հանգոյցին լուծում տալ: Այդ կէտը ոչ միայն հրապարակաւ կը խօսուէր, այլեւ իրեն ալ կը հաղորդուէր, գուցէ ինքն ալ կը զգար, բայց անակնկալ բախտէն ալ հրաժարիլ չէր սիրեր (09. ԱՐԼ. 7168): Այս տեսութեամբ էր հարկաւ որ պաշտօնի ձեռնարկելու համար գրաւոր կերպով օգոստոս 14-ին պայման կը դնէր որ Երէցեանի եւ Մաքսուտեանի խնդիրները վճռուին եւ վերջանան, որ միաբաններէն եւ քաղաքացիներէն ըմբոստութեան պարագլուխները Երուսաղէմէ հեռացուին եւ պատժուին, եւ որ վստահելի եւ զարգացեալ եւ կարող անձ մը իրեն օգնական տրուի ( ՏՂԿ. Զ. 21): Վարչութիւնը որ ընտրելին նշանակած էր, անոր պայմանները կատարելու պարտաւոր էր, ուստի յուլիս 31-ի նիստին մէջ հաշուեքննիչ յանձնաժողովոյ մայիս 22-ի տեղեկագիրին ( ՏՂԿ. Թ. ) մասին երեսփոխանութեան որոշումը կը պահանջէր: Օգնականի կէտը ընդլայնելով եկեղեցական մըն ալ, օրէնսգէտ մըն ալ եւ հաշուակալ մըն ալ աւելցնելու պէտքը կը զգար, հարկաւ իւր ընտրելիին անբաւականութիւնը մօտէն տեսնալուն պատճառով: Իսկ հեռացուելիք միաբաններուն մասին անուններ կը պահանջէր: Այս պահանջին հանդէպ գլխաւորապէս երեք անուններ տրուեցան, Կարապետ Տէր-Կարապետեան եւ Սարգիս Տէր-Սարգիսեան վարդապետներ եւ Աբգար Եօթնեղբայրեան աբեղան, երբեմնի Գէորգ սարկաւագը: Իսկ երկրորդական կարգին մէջ իբրեւ հեռացուելիք ցուցուեցան ուրիշ վեց վարդապետներ. Եղիա Յովհաննէսեան, Հմայեակ Երէցեան, Աթանաս Ասլանեան, Յարութիւն Պարոնեան, Համազասպ Ղազարեան եւ Եփրեմ Պէզիրճեան, երեք ալ աբեղաներ, Գէորգ Ճանսըզեան, Երեմիա Լիֆօրեան եւ Մելքիսեդեկ Հովիւեան ( ՏՂԿ. Զ. 22): Վարչութիւնը իսկոյն առաջին երեքներուն Կ. Պոլիս գալուն համար հեռագրեց Եղիա Յովհաննէսեան փոխանորդին, որ գործին պատրիարքական իրաւասութեան վերաբերիլը կը պատասխանէր, մինչ վարչութիւնը այլեւս պատրիարք չէր ճանչնար, եւ կ՚որոշէր կառավարութեան ձեռքով բերել տալ երեքները: Գործը կ՚երկարէր եւ Յակոբեան տեղապահ սեպտեմբեր 29-ին, որ է ըսել ընտրութենէն երկուքուկէս ամիս ետքը, հրաժարական կը գրէր բայց չէր պնդեր, զի պատրիարքական հրաժարականի ալ տագնապ կար նոյն օրերը ( ՏՂԿ. Զ. 23) Ատանայի ջարդին հետեւանքներէն գրգռուած, եւ Երուսաղէմի խնդիրը ետեւ կը մնար, տեղապահն ալ մայրաքաղաքի մէջ կը դեգերէր, եւ ոչ ալ հնար եղած էր երեք նշանակուած միաբանները Կ. Պոլիս բերել տալ: Իրաւ ալ պատրիարքական հրաժարականը եւ վարչական ժողովներու նորոգուիլը նկատողութեան արժանի արգելքներ էին, սակայն միւս կողմէ Մաքսուտեանի հաշուական խնդիրը առկախ կը մնար, եւ Երուսաղէմի մէջ անկարգ կացութիւնը կը շարունակէր եւ հետզհետէ կը զայրանար:

3141. ԴԷՄՈՒԴԵՐ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐՆԵՐ

Ընդհանուր ժողովէն 1908 դեկտեմբեր 3-ին ընտրուած Երուսաղէմայ հաշուոց քննիչ խորհրդարանական յանձնաժողովը իսկապէս կարող անձերով կազմուած էր, զի եօթն անդամներուն մէջ կը գտնուէին, Յովսէփ Եուսուֆեան համարողական գիտութեանց մասնագէտ ուսուցիչ, Միհրան Գարագաշեան ելեւմտից նախարարութեան խորհրդական, Պարգեւ Փափազեան օսմանեան դրամատան հաշուակալ, Գարեգին Տէմիրճիպաշեան հանրային պարտուց պաշտօնեայ, Լեւոն Սահաթճեան եւ Յակոբ Գորեան պատուաւոր եւ առաջնակարգ վաճառականներ, եւ այս վեցերը խղճիմտօք գնած էին հաշիւները, վասնզի Երուանդ Գարայեան առջի օրէն հրաժարած էր անձնական տկարութեան պատճառով ( ՏՂԿ. Թ. 1): Յանձնաժողովի տեղեկագիրը նկատի առած էր 1893-1908 տասնեւհինգ տարիները, բայց յատկապէս զբաղած էր Մաքսուտեանի տեսչութեան վերջին եւ ոչ-վաւերացեալ ժամանակամիջոցին 1893-1905 տասներկու տարիներով, եւ բաշխուած էր եօթը գլուխներու: Առաջինին մէջ յիշուած էին կանոնական դիտողութիւնները, եւ Երուսաղէմի կանոնագիրէն 15 յօդուածներ առաջ բերուելով ցուցուած էր թէ գործադրուած չեն, մանաւանդ թէ հակառակը գործուած է ( ՏՂԿ. Թ. 2-5): Քննիչներ Մաքսուտեանի համբաւեալ հաշուակալութեան օրով կազմուած կրկնատոմարները զննելով կատարեալ քաոսային գտած են, որոնց մէջ անհրաժեշտն ու կարեւորը կը պակսին, եւ միայն ձեւերը կը փրկուին, եւ բացատրութիւններն ալ տուած են ( ՏՂԿ. Թ. 6): Երկրորդ գլուխը նուիրուած է մատակարարութեան, որուն գլխաւոր բաժանմունքները կը ցուցուին, եւ 1897-1898 տարւոյ համար կազմուած ելեւմտացոյցը հիմ բռնելով 12 տարիներու մէջ 18. 015 ոսկի աւելի ծախուած ըլլալը կը ցուցուի ( ՏՂԿ. Թ. 7), համաձայն Մանկունի-Ֆէսճեան պատուիրակութեան քաղած հաշիւներուն 3068), եւ մասնաւոր տեղեկութիւններ ալ կ՚աւելցուին ( ՏՂԿ. Թ. 7): Առանձինն քննուած է Կ. Պոլսոյ փոխանորդ Երէցեանի ձեռքով մատակարարուած մայրաքաղաքի եւ ագարակներու հաշիւը, եւ շատ անզգոյշ եւ անխորհուրդ ծախքեր յառաջ կը բերուին, որոնք պաշտօնագիրներով ալ հաստատուած են ( ՏՂԿ. Թ. 8-10): Իբր մատակարարութեան գլուխին եզրակացութիւն, միայն թիւերով եւ պարագաներով յայտնի եւ Մաքսուտեանի անցած եօթը գումարները կը յիշուին, 1650 ոսկւոյ համագումար կազմող ( ՏՂԿ. Թ. 11), որոնք ատենապետաց տեղեկագիրին մէջ ալ յիշուած են 3125): Այս գլուխին աւելցուցած է Յոպպէի շինութեանց մէջ կատարուած շահախնդիր դարձուածքը, զոր մենք ալ յիշած ենք 3070), եւ միանգամայն նոյնութեամբ բերուած են Եսայի պատրիարքին օրէն գրուած Մաքսուտեանի երկու նամակներ եւ երեք ատենագրութիւններ, ժողովին թողլով հարկ եղած հետեւութիւնը հանել ( ՏՂԿ. Թ. 12-15), որուն ինչ ըլլալը մեկնել շատ աշխատութեան տեղի չի թողուր, եւ յայտնապէս կը տեսնուի եւրոպակողման երկաթուղեաց արժէթուղթերէն մեծ պարգեւ շահող թիւերէ գոյացած գումարներուն գաղտնութեամբ իւրացուիլը: Երրորդ գլուխը նոր շինութեանց հաշիւները կը քննէ, զորս քննիչներ թուաբանական ճշդութեանց ենթարկելով կը գտնեն թէ Մաքսուտեան իր տրամադրութեան տակ գտնուած դրամները գործածելով` երբեք պէտք չէ ունեցած տոկոսաւոր փոխառութիւն կնքել, եւ անընդունելի կը դատեն 3628 ոսկի տոկոսի գումարը, եւ ընդհանուր հաշիւին մէջ 138 ոսկի պարտք կը ցուցնեն Մաքսուտեանի վրայ ( ՏՂԿ. Թ. 16-20): Գնեալ եւ վաճառեալ կալուածներու հաշիւէն քննիչներ կը զեղչեն անընդունելի կալուածներու գինը 2698 ոսկի ( ՏՂԿ. Թ. 21-22), եւ նկատի կ՚առնեն պահեստի սնտուկէն իւրացուած եւ ներկայացնողի վճարելի փոխգիրերով ձեռք անցուած 9749 ոսկին ( ՏՂԿ. Թ. 23-24), եւ վերջապէս Մաքսուտեանը 13. 966 ոսկւոյ պարտական կը գտնեն յօգուտ Երուսաղէմի սնտուկին ( ՏՂԿ. Թ. 27): Միանգամայն Երէցեանն ալ 105 ոսկւոյ պարտական կը ցուցնեն Կ. Պոլսոյ հաշիւներէն ( ՏՂԿ. Թ. 27): Մաքսուտեանի պաշտօնավարութենէ կ՚անցնին 1905-1908 երեք տարիներն ալ քննութեան ենթարկել 6-րդ գլուխին մէջ, եւ ինչ ինչ դիտողութիւններ կ՚ընեն մատակարարական թերութեանց մասին, բայց պաստասխանատուութեան կէտ չեն ցուցներ: Վերջին 7-րդ գլուխը նախընթացներուն ամփոփումն ու բանաձեւուած եզրակացութիւնն է: Քաղուածնիս բաւական կը սեպենք Մաքսուտեանի դէմ տեղեկագիրին մասին գաղափար մը տուած ըլլալու եւ ուրիշ տեղեկագիրներու առիթով ըսուածները չկրկնելու համար: Այս տեղեկագիրը առաջին անգամ երեսփոխանութենէն նկատի առնուեցաւ յուլիս 31-ին նիստին մէջ (09. ՄՆԶ. 2455), որուն դէմ Մաքսուտեան փութացած էր ներկայել հերքումն եզրակացութեանց տեղեկագիրին գրուած մը ( ՏՂԿ. Ժ. ) ժողովին ներկայ էին նաեւ Մաքսուտեանի իբր իրեն պաշտպան ցուցած երեսփոխանները (09. ԱՐԼ. 7157-7158), եւ բաւական աղմուկ յառաջ բերին, եւ վիճաբանութեան նիւթ եղաւ տեղեկագիրին քննուիլը կամ վերաքննիչ յանձնաժողովոյ ղրկուիլը, մինչեւ իսկ մենամարտի ձայներ լսուեցան բուռն վիճող երեսփոխաններու միջեւ, եւ առանց որոշման նիստը փակուեցաւ (09. ԱՐԼ. 7164): Մաքսուտեան այս հերքմնագիրին մէջ իրեն անցած գումարները մերժելու համար երբեմն հաշուակալը եւ երբեմն լուսարարապետը մէջտեղ կը դնէ իբրեւ հաշիւներու պատասխանատու, մինչ ամենայն ինչ եւ ամէն բան իր ձեռքով կատարուած ըլլալը յայտնի է, եւ իր ներկայած բացատրութիւններն ու միջադէպները միայն իր վկայութեամբ կը կարծէ հաստատել, մինչ տոմարներու անճշդութիւններ եւ ատենագրութեանց կամայականութիւնները, եւ իր չորս հինգ պաշտօն միանգամայն վարելը, եւ մին միւսին իբր վկայութիւն գործածելը, զինքն բնաւ չեն արդարացներ: Իր ամենէն զօրաւոր փաստն է, թէ մէն մի նոր քննութեան ժամանակ նորանոր խնդիրներու եւ տարբեր թուանշաններու պատասխանել կը պարտաւորուի ( ՏՂԿ. Ժ. 5), եւ իր պարտքը չորս տարբեր գումարներով հաշուուած ըլլալը ( ՏՂԿ. Ժ. 7) իբր արդարացման նշան կը կարծեցնէ: Սակայն չուզեր այս տարբերութեանց իսկական պատճառը փնտռել, որ իր հաշուեխոյս սկզբունքէն յառաջ եկած է. զի քանի որ ամբողջական հաշիւ մը տալէ փախուստ տուած է, հաշուեքննիչները տարբեր հետազօտութիւններով եւ գնահատումներով եւ տարբեր տեղեկութիւններով, տարբեր հաշիւներ քաղելու պարտաւորուած են, ինչ որ տեղի ունեցած չէր ըլլար եթէ ինքն ընդհանրական եւ ամբողջական հաշիւ մը ներկայած ըլլար, եւ ոչ թէ շարունակ առարկութիւններ ցրելու յոգնած եւ լրագիրներ շահելու եւ պաշտպաններ ճարելու ծախսած ըլլար: Իբրեւ իր պաշտպանողականին լրումն` սեպտեմբեր 25-ին ակնարկ մըն ալ ներկայեց առաջին եւ վերջին հաշուեքննիչ յանձնաժողովներու եզրակացութեանց վրայ ( ՏՂԿ. ԺԱ. ), որոնք եթէ իրարու անյարմար ալ ըլլան, դարձեալ ըսածներնուս համեմատ յանցանքը իր հաշուեխուսութեան կը պատկանի, թող որ առաջին յանձնաժողովի անդամները միաձայնութիւն չունեցան, եւ երկուք երկուքի դէմ զինքն պատասխանատու ցուցուցին, եւ թերի ու մասնակի քննութիւն մը եղած էր ըրածնին, որ վարչութեան որոշմամբ ալ անբաւական դատուեցաւ 3062-3063): Յուլիս 31-ի նիստին մէջ անորոշ յետաձգուած սաղիմական հաշիւներու խնդիրը, նոյնպէս մնացած չորս եւս ամիսներ, Կիլիկիոյ աղէտէն ծագած խնդիրներուն սաստկանալովը եւ Դուրեան պատրիարքին հրաժարականին եւ նոր վարչութեան ընտրութեան պատճառներով:

3142. ՏԵՂԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋԸ

Երուսաղէմի տարադէպ տեղապահութեան անգործ միջոցին դէպքերը յիշեցինք. Երուսաղէմի նոր կացութիւնն ալ անով կը զբաղէր, եւ Կ. Պոլսոյ մէջ որոշուած տեղապահութեան հանդէպ իր ընթացքը ճշդել կը ջանար, գիրքը չկորսնցնելու եւ ձեռք անցուած բախտը ձեռքէ չհանելու ճիգերով: Յունիս 20-ին ժողով կը գումարուէր, որուն մէջ նոր ընտրուած տնօրէնը վեցամսեայ համարատուութիւն կը ներկայէր, կանոնական նախանձախնդրութիւն ցուցնելու երեւոյթով, եւ իր տեսութեամբ պաշտօնական գրասեղաններու, իմա' կեդրոնական ժողովներու, վրայ նետուած անբարեմիտ զրպարտութեանց գործնական հերքում տալու մտայնութեամբ (09. ՄԻԱ. 114). սակայն կանոնագիրին էական մի կէտը, համարատուութիւնը կեդրոնին ներկայելու կէտը, նոյն պահուն չէր գար: Նոյն ժողովին մէջ լուսարարապետ Տէրտէրեանի հեռանալուն վրայ` զայն պաշտօնանկ նկատելով, նոր լուսարարապետի ընտրութեան կը ձեռնարկեն, նախապէս իրենց կազմած կանոնագիրին համաձայն ընտրելիէն տրուելիք խոստումնագիր մը բանաձեւելով (09. ՄԻԱ. 149): Իսկ ընտրութիւնը հազիւ չորս քուէարկութենէ ետքը կրնար արդիւնք ունենալ, եւ վերջապէս առաջին քուէարկութեան մէջ միայն մէկ քուէ շահող Վահան Քէշիշեան վարդապետ, որ ժողովին ատենապետն էր, չորրորդին մէջ 20 քուէով լուսարարապետ կը հռչակուէր, խոստանալով նոր հաստատուած ձեւերու համաձայն պաշտօնավարել (09. ՄԻԱ. 120-121): Քէշիշեանի լուսարարապետ ընտրուելուն պատճառով ժողովին ատենապետութիւնը Հմայեակ Երէցեան կը շարունակէր, թէպէտ ատենագրութիւնը Մելքիսեդեկ Հովիւեանի ստորագրութիւնը կը կրէ (09. ՄԻԱ. 122): Ժողովը դարձեալ կը գումարուի յուլիս 21-ին, դիւան կը նորոգէ, գանձատան հսկող եկեղեցական ժողովը կը լրացնէ, մեկնող միաբաններուն սենեակները բանալ կ՚որոշէ, եւ կ՚անցնի գլխաւոր եւ ամէնէն ծանր խնդիրին, որ է կեդրոնէ ընտրուած տեղապահին մասին որոշում մը տալ, այդ բանին առաջքն առնելու համար (09. ՄԻԱ. 129): Կարծիքներ կը փոխանակուին, առաջարկներ կը շատնան, վերջապէս բողոքելու եւ չընդունելու որոշումը կը յաղթանակէ, եւ տնօրէն ժողովին անսահման իրաւունք կը տրուի որ տեղապահութեան խնդրոյ առթիւ կարելին ի գործ դնէ (09. ՄԻԱ. 133): Նոյն ժողովին մէջն է որ Եղիշէ Չիլինկիրեանի տրուած եպիսկոպոսութեան վկայականը չեղեալ նկատուեցաւ, ինքն ալ միաբանութենէ վտարուեցաւ, ինչ որ սակայն չարգիլեց որ քիչ ետքը նա Էջմիածին ուղեւորի, եւ 1910 փետրուար 21-ին Իզմիրլեանի կաթողիկոսէ ձեռնադրուի: Սիմէոն Թելեանի Կ. Պոլիս անցնելն ալ նկատի առնուեցաւ, եւ որոշուեցաւ որ վերջին անգամ մըն ալ վանք դառնալու հրաւիրուի (09. ՄԻԱ. 134): Նախընթաց ժողովի մէջ զանց եղած համարատուութիւնը կեդրոնին հաղորդելու գործը լրացնելու համար օգոստոս 3-ին առանց հրաւէրի բացառիկ նիստ մը կը կազմուի, եւ տեղեկագիրի պատճէնը կը կարդացուի (09. ՄԻԱ. 143-149), սակայն Կ. Պոլիս հասնելուն լուրը կը պակսի եւ անհետեւանք մնացած կ՚երեւայ: Արդէն այլեւս միաբանական նիստերն ալ կը դադրին եւ տնօրէնի անսահման իրաւունքը գործերը կը կարգադրէ Տէր Կարապետեանի առաջնորդութեամբ: Կ. Պոլսոյ մէջ տեղապահութեան մասին կարգադրութիւնները պահ մը լռած էին, Դուրեան պատրիարքի հրաժարականին եւ Ստեփան Գարայեանի ատենապետութեամբ վարչութեան դադարելովը եւ Մանուկ Ազարեանի ատենապետութեամբ նոր վարչութեան կազմուելուն պատճառով: Չորս ամիս էր որ տեղապահութեան կոչուած Յակոբեանը մայրաքաղաքի մէջ կը դեգերէր, եւ Երուսաղէմի մէջ գործերը միշտ յոռեգոյնին կը դիմէին, որով Յակոբեան 1909 նոյեմբեր 6-ին գիրով մը վարչութեան մտադրութիւնը կը հրաւիրէր, բայց ինքն կանխած էր եւ հոկտեմբերի մէջ Սիմէոն Թելեանը Երուսաղէմ էր յղած իբր տեղապահութեան փոխանորդ եւ նախապատրաստութիւններ կատարող: Թելեան գաղտնի պահած էր իր պաշտօնը եւ միայն իբրեւ հրաւէրին համակերպող կը ցուցնէր զինքն, եւ առանձին կերպով կառավարութեան ձեռքով զօրանալ կ՚աշխատէր, որ սակայն յայտնապէս ըմբոստները կը պաշտպանէր, եւ Կ. Պոլսոյ մէջ նախարարութիւնն ալ նոյեմբեր 7-ին օրինաւոր չէր տեսներ պաշտօնին տիրոջ իր գործին չտիրացած անոր փոխանորդը ճանչնալ, այլ պատրիարքարանի ամէն աջակցութիւն կը խոստանար, եւ տեղապահին փութով մեկնիլ եւ գործի ձեռնարկելը կը յանձնարարէր: Վարչութիւնը կ՚որոշէր Կ. Պոլիս կոչուած երեք գլխաւոր ըմբոստները բերել տալու համար կառավարութեան մօտ դիմումները նորոգել, եւ տեղապահը օր առաջ ճամբայ հանել ( ՏՂԿ. Զ. 24): Տեղապահին ընկերանալիք եկեղեցականի եւ աշխարհականի համար տասնէ աւելի անձերու առաջարկուելէ եւ հրաժարուելէ ետքը, վերջապէս Պարգեւ Փափազեան յանձնառու կը լինի, եւ իբր համարակալ կ՚առնէ Տիրան Մարտիկեանը ( ՏՂԿ. Զ. 27-28), եւ տեղապահն ալ իբր քարտուղար կ՚որոշէ Աշոտ Նշանեանը: Միանգամայն Հայկ Խօճասարեան եւ Սարգիս Սուին ժողովականներու կը յանձնարարուի հրահանգի ծրագիր մը պատրաստել, որով պիտի առաջնորդուի Պարգեւ Փափազեանի յանձնուած նոր պատուիրակութիւնը, ընկերակցութեամբ կեդրոնէ ընտրուած տեղապահին ( ՏՂԿ. Զ. 33): Նոյեմբեր 20-ի երեսփոխանական ժողովին հաղորդուեցաւ Յարութիւն պատրիարքի բողոքոյ գիրը իրեն մասին տրուած որոշման դէմ, յայտարարելով թէ վանքն ու աթոռը չի կրնար ուրիշի յանձնել: Կարդացուեցաւ նաեւ 27 միաբաններու բողոքը կեդրոնէն ընտրուած տեղապահութեան դէմ, եւ երկուքն ալ մերժուեցան առանց երկար վիճաբանութեան (09. ԱՌՕ. 50): Տեղապահի մեկնելուն եւ Երուսաղէմէ կոչուած երեքներուն խնդիրները իրարու հետ կապակցութիւն ունէին իբր հանդարտ գործունէութեան պայման, ինչպէս Թելեան ալ Երուսաղէմէ կը թելադրէր ( ՏՂԿ. Զ. 46), սակայն այս վերջիններուն դիմադրելուն պատճառով վարչութիւնը ստիպուեցաւ երկու գործերը իրարմէ անկախ նկատել ( ՏՂԿ. Զ. 27), եւ Դանիէլ տեղապահ եւ Պարգեւ պատուիրակ, որ նոյեմբեր 24-ին մեկնել կը խորհէին ( ՏՂԿ. Զ. 25), վերջապէս դեկտեմբեր 8-ին ուղեւորուեցան երկուքը միասին իրենց երկու հետեւորդներով. իսկ Գաբրիէլ Նէշտէրճեան, որ պատուիրակութեան ընկեր պիտի ըլլար, վերջին պահուն արգելիչ պատճառ ունեցաւ եւ մնաց (09. ԱՌՕ. 64): Խառն ժողովը օր առաջ որոշած էր Դանիէլ վարդապետ Յակոբեանի եպիսկոպոսական վկայագիր տալ նոր պաշտօնին բերմամբ եւ իր նախընթաց պաշտօններուն նկատառութեամբ (09. ԱՌՕ. 62): Չիլինկիրեան Եղիշէ արդէն մեկնած էր Էջմիածին եւ փոխանորդութիւնը առժամապէս յանձնուած էր Գազանճեան Սմբատի (09. ԱՌՕ. 45). Նշանեան Մեսրոպ Իզմիրլեան կաթողիկոսի հետ Էջմիածին էր գացած, եւ Սերովբէ Սամուէլեան անձնական պատճառներով ընկերներէն զատուած Յոպպէ կը մնար եւ կը կենակցէր տեղւոյն տեսուչ նշանակուած ըմբոստներու գործիչներէն Կիրակոսեան Սամուէլ վարդապետի հետ: Սիմէոն Թելեան կանուխէն Երուսաղէմ յղուած էր, իսկ Կ. Պոլիս գտնուող հաշուեպահանջներուն մնացածները, Տէրտէրեան, Ֆրանկիւլեան, Գազանճեան, Աճէմեան, Սարաճեան, Պէքեարեան եւ Սարգիսեան, տեղապահէն շաբաթ մը առաջ դեկտեմբեր 1-ին առանց աղմուկի մեկնած էին` Յոպպէի մէջ անոր սպասելու դիտաւորութեամբ: Իբրեւ լրումն տեղապահութեան շուրջը կատարուած իրողութեանց պէտք է յիշենք, որ հաշուեքննիչ յանձնաժողովին տեղեկագիրը, որուն հաստատութիւնը մայիս 22-է ի վեր զանազան պատճառներով յապաղած էր, վերջապէս երեսփոխանութեան նոյեմբեր 27-ի նիստի մէջ համամտութեամբ հաստատուեցաւ եւ Մաքսուտեանի հերքմնագիրը մերժուեցաւ (09. ԱՌՕ. 56), եւ որոշման գործադրութիւնը վարչութեան յանձնուեցաւ:

3143. ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Կ. Պոլիսէ մեկնող եօթը վարդապետներ Յոպպէ կը հասնին դեկտեմբեր 7-ին, ուր Սամուէլեան Սամուէլէ հեռանալով դարձեալ առջի ընկերներուն կը միանար: Թելեան ալ որ Երուսաղէմի վանքէն ելած պանդոկ կը բնակէր, անմիջապէս Յոպպէ կ՚իջնէր, ուր կը գտնուէր արդէն Մանավեան սարկաւագ, Գէորգ Յովհաննէսեան աբեղայն եւ Տիրան Քէմհաճեան սարկաւագն ալ ինչ ինչ առիթներէ գրգռուած Յոպպէ կու գային. աշխատաւոր միաբաններէն ալ հինգ վեց հոգի, որոնք տիրող կողմէն վտարուած էին, արդէն Յոպպէի խումբին միացած էին, որով տեղապահ եւ պատուիրակ դեկտեմբեր 14-ին Յոպպէ հասնելով իրենց պաշտպանեալներուն թիւը կրկնապատկուած գտան: Բնական էր որ իսկոյն հաղորդակցութեան մտնէին առաջիկայ գործողութեան հանգամանաց վրայ: Վարդապետներուն խումբը կ՚առաջարկէր ամենքնին միասին Երուսաղէմ մեկնիլ, եւ պետական պաշտպանութեամբ գործին տիրանալ. զի եւ կառավարիչ Սուպհին Երուսաղէմէ մեկնած էր երկար արձակուելով, եւ Բօր-Սայիտ նաւահանգիստին մէջ Յոպպէէ Աղեքսանդրիա եւ Աղեքսանդրիայէ Յոպպէ գացող շոգենաւներուն իրար հանդիպելովը, բարեկամական բարեւներ եւ յաջողութեան հրահանգներ փութացեր էր հաղորդել վարդապետական խումբին: Կառավարութեան պաշտօնն ալ փոխանորդութեամբ կը վարէր զինուորական հրամանատարը որ բարեբարոյ եւ բարեացակամ անձ մը ճանչցուած էր, եւ այդ պարագաներ նպաստաւոր էին առաջիկայ ձեռնարկին յաջողութեան: Իսկ տեղապահ եւ պատուիրակ կեդրոնէն առած խորհուրդներնուն բառացի եւ տառացի հետեւողութեամբ կը զգուշանային խմբովին ուղեւորիլ, եւ իրենց հաստատուելէն ետքը խումբը հրաւիրել կը նախադասէին: Յոպպէ սպասող վարդապետաց Երուսաղէմ ելնելն արգիլող կառավարական հրաման ալ ստացած էին, որուն գրգռողը ըմբոստ վարդապետաց Պոլսոյ գործակալութեան, իմա' Մաքսուտեանի եւ Երէցեանի, ճարպիկութիւնն էր անշուշտ ( ՏՂԿ. ԺԲ. 3): Ի զուր խումբը չորրորդ պատուիրակութեան միայնակ երթալովը ձախողած ըլլալը կը յիշեցնէր, բայց վերջապէս կը հարկադրուէր հրահանգին եւ հրամանին համակերպիլ, եւ տեղապահ ու պատուիրակ դեկտեմբեր 16-ին առանձին կ՚ուղեւորէին Յոպպէէ Երուսաղէմ: Վանքին մէջ գտնուող միաբաններ Յոպպէի տեսուչին դեկտեմբեր 14-ի հեռագիրով տեղեկացած էին անոնց հասնելուն եւ 15-ին ժողովի կը գումարէին իրենք իրենց կարեւորութիւն տալով, թէ պատմութեան մէջ մեծ տեղ պիտի գրաւէ այս խորհրդակցութիւնը (09. ՄԻԱ. 153): Այս մեծամտութեամբ իւրաքանչիւր ոք կը սկսի պոռոտախօս եւ երկար ճոռոմաբանութեամբ իր կարծիքը ցուցադրել, եւ իբր վերջին եզրակացութիւն Երէցեան Հմայեակի առաջարկութեամբ եւ ձեռամբարձ քուէից միաձայնութեամբ Դանիէլ վարդապետի տեղապահութիւնը կը մերժուի, այլ Եօթնեղբայրեանի յաւելուածով կը զիջանին եւ կը յայտարարեն, թէ պէտք է որ իբր եկեղեցական յարգենք ու պատուենք զինքը (09. ՄԻԱ. 157): Ըստ այսմ երբ 16-ի երեկոյին տեղապահ եւ պատուիրակ կը հասնին, իբր պատուաւոր հիւրեր կ՚ընդունուին եւ կը տեղաւորուին մեծարգոյ հիւրերու վերապահուած ցորենաթաղի Կիրակոսեան յարկաբաժինին մէջ, զոր Խրիմեան եւ Իզմիրլեան սրբազաններու ճգնարան կը կոչեն եկողները ( ՏՂԿ. ԺԲ. 2): Այդտեղ կը մնան տեղապահ եւ պատուիրակ ամբողջ ամիս մը, բոլորովին անպաշտօն եւ անգործ վիճակի մէջ: Վանական միաբանութիւնը, պատուիրակին տեսութեամբ, անշուշտ առաջնորդուելով գաղտնի ձեռքերէ եւ ուզելով շարունակել իւր անպատասխանատու վարչութիւնը, իւր անգիտակից պատրիարքին նախագահութեամբ ձեւացեալ ժողովներով ( ՏՂԿ. ԺԲ. 2), ամէն հաղորդակցութենէ եւ մասնակցութենէ հեռու կը պահէ եկողները, իբր թէ անգիտանալով անոնց պաշտօնը, չփնտռելով իսկ անոնց գալուն նպատակը, եկեղեցիէ իսկ կը զրկէ Դանիէլ տեղապահը, եւ իւրովի կը կատարէ Աւագ տօներու եւ Ծնունդի հանդէսները: Յարութիւն պատրիարք ոչ իբր անգիտակից, այլ իբր անօգնական լքուած եւ բռնութեան ներքեւ ճնշուած չի կրնար պաշտպանել եկողները, որոնցմէ ինքն պաշտպանութիւն կը սպասէր, եւ այս նպատակով հրաւիրած էր կանուխէն: Տեղական կառավարութիւնն ալ առժամապէս զինուորական հրամանատարի յանձնուած գործնական եւ կտրուկ որոշումներէ կը զգուշանար, եւ թէպէտ ոչ անկարեկիր, սակայն զինուորական ուղղութեամբ ամէն քայլին համար կեդրոնի յատուկ հրահանգին կը սպասէր. թէեւ բարի տրամադրութիւններով օժտուած աննենգ անձ էր, այլ քաղաքական գործոց մասին քաղաքական պաշտօնէութեան ազդեցութիւնը կը կրէր, եւ գլխաւորաբար թարգման Պշարա էֆէնտիի, որ միշտ գէշ դեր ունեցած էր Երուսաղէմի խնդիրներու նկատմամբ, եւ պաշտպան հանդիսացած էր ազգին դէմ ըմբոստ խմբակին ( ՏՂԿ. Զ. 31): Ուստի հրամանատարը իրեն եղած դիմումներուն յուսադրութենէ աւելի խոստում չէր կրնար տալ, եւ ամէն պարագայ նախարարութեան հաղորդելով որոշ պատասխանի կը սպասէր, եւ այս ալ կը յապաղէր: Այս պարագաներ տեղապահն ու պատուիրակը ձախող կացութեան կը մատնէին, եւ իրենց դիմադրողները կը քաջալերէին անարգանօք վարուիլ իրենց հետ, անկաշկանդ ծաղրել, անպատկառ նախատել, եւ յայտնապէս հեգնել, մինչեւ իսկ կեանքերնուն սպառնալ, ոչ միայն իրենց այլեւ իրենց համակիրներուն դէմ ( ՏՂԿ. Զ. 34-35), այնպէս որ բոլորովին անտանելի կը դառնար կացութիւննին: Իրենք ալ պատրիարքարանի յղած գիրերնուն եւ հեռագիրներնուն գոհացուցիչ պատասխան չէին ստանար, որով կը ստիպուէին Երուսաղէմէ հեռանալ եւ Յոպպէ դառնալ, նորոգելով նախընթաց չորրորդ պատուիրակութեան ապարդիւն ելքը: Մեկնելնին կը հաղորդեն փոխկառավարիչ հրամանատարին, կը խնդրեն որ ստանալիք հրահանգը կամ տեղեկութիւնը հաճի իրենց հաղորդել, եւ իրենք առանց աղմուկի 1910 յունուար 18-ին Երուսաղէմէ Յոպպէ կը մեկնին, ուստից մեկնած էին ամիս մը առաջ դեկտեմբեր 16-ին, եւ դարձեալ տխրութիւնն է որ կը պատէ Յոպպէ սպասողները, թէպէտ ելքը անոնց նախատեսութեան համաձայն եղած ըլլար:

3144. ՅԱՋՈՂ ՎԵՐՋԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանը, ուսկից կը սպասուէր յաջողութեան ակնկալութիւնը, բոլորովին անգործ չէր, թէպէտ Դուրեան պատրիարքի վարչական մեղմութեան վրայ հրաժարականի պարագայն ալ աւելցած էր, սակայն Մանուկ Ազարեան նոր վարչութեան ատենապետը, յօգուտ գործածելով իր պետական բարձր դիրքը, եւ եթէ ոչ բուռն այլ յամառ գործունէութիւնը, կը յաջողէր կտրուկ եւ վերջնական հրահանգներ տալ նախարարութենէ Երուսաղէմի փոխկառավարիչին, ինչ որ գրեթէ կը զուգադիպէր տեղապահին եւ պատուիրակին Երուսաղէմէ հեռանալուն: Մեկնելէն երկու օր ետքը յունուար 20-ին փոխկառավարիչ զօրավարը Յոպպէէ կը կոչէր Պարգեւ Փափազեան պատուիրակը, որ կը հասնէր 21-ին ընկերակցութեամբ Աճէմեան վարդապետի: Փոխկառավարիչը մտերմաբար կը հաղորդէր թէ որոշ եւ կտրուկ հրահանգ ստացած է Կ. Պոլիսէ, երեքները բռնի յղել, տեղապահը նստեցնել, դիմադրողները ձերբակալել եւ աքսորել, եւ պէտք եղած ոստիկանական եւ զինուորական ոյժը գործածել: Հետեւաբար օր կ՚որոշեն առաջիկայ երկուշաբթին Յոպպէ եղողներուն բոլորին Երուսաղէմ գալուն, պատուիրելով այդ կարգադրութիւնը բացարձակապէս գաղտնի պահել, զի ինքն ալ ամէն միջոց ձեռք պիտի առնէ որ լուրը դուրս չելլայ, եւ վանքին մէջ եղողները անակնկալի դիմաց գտնուին: Փափազեան 22-ին կը դառնայ Աճէմեանի հետ, եւ միայն տեղապահին կը հաղորդէ առած հրահանգը: Երուսաղէմի վանքին մէջ կը լսուի Փափազեանի գալն ու երթալը, կը սկսին կասկածիլ, կասկածնին կը շատնայ Սամուէլ տեսուչին Յոպպէէ գալովը, զի տեղապահը ճանչնալ չուզելուն վրայ տեղապահի հրամանով պաշտօնանկ եղած եւ Յոպպէի վանքէն վտարուած, Երուսաղէմ կու գար իրաւունք ստանալու յոյսով, այս առթիւ Յոպպէի տեսչութիւնը կը յանձնուէր Թելեան Սիմոնի: Միեւնոյն ատեն Վերիտոնէ ալ տեսուչ Պետրոսեանի դէմ գանգատներ հասած ըլլալով Սարաճեան Պետրոս յղուած էր արդէն տեսչութիւնը ստանձնելու: Յոպպէի մէջ յունուար 24 կիրակի երեկոյին միայն հաղորդուած էր սպասողներուն կառավարական կարգադրութիւնը, եւ պատրաստութիւններ կատարուելով երկուշաբթի առտու կանուխ յունուար 25-ին ճամբայ ելլելով Երուսաղէմ կը դիմէին: Որչափ ալ Աճէմեան Երուսաղէմի եւ տեղապահը Յոպպէի մէջ յուսահատ լուրեր տարածած էին, եւ մինչեւ իսկ Երուսաղէմ մնացած գոյքերը Յոպպէ բերելու հրամաններ տրուած էին իբր Կ. Պոլիս մեկնելու նշան, եւ որչափ ալ կառավարական հեռագիրը հսկողութեան ներքեւ առնուած էր, այսու ամենայնիւ երկաթուղւոյ պաշտօնէութեան մէջ գտնուող ըմբոստներու կուսակիցներ, երկաթուղւոյ մասնաւոր հեռագիրով կրցած են մեկնելուն լուրը ըմբոստներուն հասցնել, որոնք անակնկալին դիմաց յանկարծական որոշմամբ իսկոյն վանքին դուռները կը փակեն եկողները ներս չառնելու համար: Մինչ այս մինչ այն Յոպպէէ եկողներ կը հասնին, իրենց համակիրներէն կ՚ողջունուին, եւ կառավարական պաշտպանութեան ներքեւ եւ կառքերու շարքով կու գան վանքին մօտ եղող զինուորական հրամանատարութեան պաշտօնատունը: Վանքին իրարանցումը եւ դուռներուն փակուիլը լսուած էր, ուստի հրամանատարը երկուշաբթի կէսօրին, անձամբ եւ պաշտօնէից ընկերակցութեամբ եւ զինուորական պաշտպանութեամբ առջեւ կ՚անցնի եկողներուն առաջնորդել: Երեք անգամ վանքին աւագ դուռը կը բաղխէ, եւ բարձրաձայն յանուն կառավարութեան դուռը բանալ կը հրամայէ տաճկերէն լեզուով, զոր Փափազեան հայերէն թարգմանութեամբ կը կրկնէ, եւ տեսնելով որ ձայն չի տրուիր եւ դիմադրութիւնը կը շարունակէ, ետ կը դառնայ հետեւորդներուն հետ, զինուորական հսկողութեան ներքեւ առնելով վանքին դուռը, եւ ամէն ելք ու մուտք արգիլելով, թէպէտեւ վանքը մէկէ աւելի հաղորդակցութեան դուռներ ունէր: Ամբողջ խումբը հրամանատարի պաշտօնատունը կը դառնայ, ուր եղելութիւնը արձանագրութեան ներքեւ կ՚առնուի բոլոր ներկայից ստորագրութեամբ: Հոն մտած կը տեսնուի Գէորգ Ճանսըզեան աբեղայն, որ թարգմանի պաշտօն կը վարէր ըմբոստ վարչութեան հրամանով, եւ սողոսկած էր բան իմանալու դիտաւորութեամբ, բայց տեղապահին կողմէ Աճէմեան իբր թարգման ներկայացուած ըլլալով, հրամանատարը խիստ յանդիմանութեամբ Ճանսըզեանը սրահէն դուրս հանել կու տայ: Հեռագիրներ կը ղրկուին եւ նամակներ կը գրուին թէ' նախարարութեան եւ թէ' պատրիարքարանի հասցէին, եւ Յոպպէէ եկողներ կը ստիպուին պանդոկի մէջ պատսպարուիլ մինչեւ պատասխաններուն հասնիլը: Նկատելով որ վանքին մէջ ռուսահպատակ ուխտաւորներ ալ կան, հրամանատարը լուր կը ղրկէ հիւպատոսին իրենները զատել եւ հանել որ հետեւանքներէ չվնասուին. հիւպատոսարանը ազդարարութիւն կը յղէ, սակայն դուրս ելլող չըլլար: Երկուշաբթիէ չորեքշաբթի օրերը սպասելով կ՚անցնին եւ փոխկառավարիչը նոր քայլ մը չառներ, որով տեղապահ եւ պատուիրակ իսկ կը սկսին թերահաւատիլ եւ պատրիարքարան կը գրեն թէ եղած զինուորական ձեւակերպութիւնը առիցոյց էր, եւ երեւոյթները փրկելու համար կանխաւ տնօրինուած միջոց մըն էր ( ՏՂԿ. Զ. 32): Հինգշաբթի 28 յունուար մէջտեղ կ՚ելլայ Իթթիհատի տեղական ակումբին վարչութիւնը, վանք կը մտնէ, եւ բացարձակ կը յայտարարէ, թէ հպատակելէ զատ ուրիշ միջոց չունին, ծանրագոյն եւ ամենախիստ հետեւանքներէ ազատելու համար, թէ կառավարութեան կամքը որոշ է եւ իրենց մասին ամենէն սաստիկ որոշումները տրուած են, ուստի հարկաւ պէտք է որ երեքը հպատակին Կ. Պոլիս երթալ, եւ միւսները տեղապահին հնազանդին, եթէ չեն ուզեր իրենք ալ պատժուիլ եւ աքսորուիլ: Այլազգի տարրին միջամտութիւնը եւ Իթթիհատի ծանօթ զօրութիւնը եւ յայտարարութեանց պաշտօնական կերպարանը ամէնքը կը ցնցեն, հնազանդելու որոշումը կու տան: Իսկոյն Պարգեւ Փափազեան քանի մը նշանաւոր քաղաքացիներով ներս կը հրաւիրուին, դրամարկղերը կը կնքուին, հաշուետետրները կը փակուին, դիւանական գրութիւններ կ՚ամփոփուին, երեք նշանակեալ միաբաններ, Կարապետ Տէր-Կարապետեան, Սարգիս Տէր-Սարգիսեան եւ Աբգար Եօթնեղբայրեան, հրամանատարին կը ներկայանան, եւ իսկոյն Յոպպէ ղրկուելու համար ոստիկանութեան կը յանձնուին: Ուրբաթ առաւօտ վանքին դուռները բաց եւ ազատ կը տեսնուին. բայց պանդոկ եղողներ դեռ չեն գար, մինչեւ որ շաբաթ առտու, յունուար, 30-ին, վանքէն հրաւիրակներ պանդոկ կը ներկայանան առաջնորդելու համար. հանդիսական թափօրով կ՚ուղեւորին եւ եկեղեցական արարողութեամբ եկեղեցի կը մտնեն: Տեղապահը պատշաճ ատենաբանութեամբ մը միաբանութիւնը կ՚ողջունէ, եւ առաջիկային անցածը մոռցնել տալու յորդոր կը կարդայ, եւ աթոռին ու վանքին շահն ու պատիւը ազգին հետ համաձայնութեան վրայ հաստատուած ըլլալը կը շեշտէ: Եկեղեցիէ մեծ դահլիճ կ՚ելլեն, Յարութիւն պատրիարքն ալ կը միանայ, փոխկառավարիչ հրամանատարն ալ կու գայ քաղաքական եւ զինուորական հետեւորդներով. նա ալ ատենաբանութիւն մը կ՚ընէ, եւ ձեռնարկին Իթթիհատի միջամտութեամբ կարգադրուած ըլլալը յիշատակելով, կեցցէներով եւ ներկայից ձայնակցութեամբ Իթթիհատը կ՚ողջունէ, եւ իսկոյն աւետաւոր հեռագիրներ կը յղուին Կ. Պոլիս նախարարութեան եւ պատրիարքարանին ( ՏՂԿ. Զ. 38): Այսպէս կը փակուի տխուր միջադէպը, որ այնչափ զբաղեցուց ընդհանուր ազգութիւնը, եւ բաւական ծանր ազդեց Երուսաղէմի աթոռին եւ վանքին վրայ:

3145. ԱՌՁԵՌՆ ԳՈՐԾԵՐ

Իրաւ գոհունակութեան առիթ էր վերջապէս ազգային իշխանութեան յարգուիլը, ըմբոստներու ընկճուիլը, եւ ազգին ապաւինողներուն յաջողիլը. սակայն պէտք էր մեծ տագնապին հետեւանքները դարմանել, անկարգութիւններուն հետքը ջնջել, եւ բարեկարգ ապագայի մը հիմերը դնել: Առ այս ընդարձակ միտքի, փորձառու անձի եւ ուժով կամքի պէտքը կար, որուն տեղապահն ու պատուիրակը ինքզինքնին անբաւական ճանչնալով` պատրիարքարանին կ՚առաջարկէին, բարձրաստիճան եկեղեցականի մը նախագահութեամբ եկեղեցականներէ եւ աշխարհականներէ խառն յանձնաժողով մը կազմել եւ յուղարկել ( ՏՂԿ. Զ. 39): Այսպէս Դանիէլ տեղապահ կը խոստովանէր իր անկարողութիւնը եւ անբաւական գործունէութիւնը, որ պէտք չէր անծանօթ ըլլար կեդրոնին, իսկ Փափազեան պատուիրակ զգացած էր վանական վարչութեան մասնագիտական ճիւղ մը ըլլալը եւ իրեն անկէ անմասն գտնուիլը, եւ երկուքն ալ կը զգուշանային պատասխանատուութեան ներքեւ մտնելէ: Կեդրոնն ալ անմիջական որոշման յանգելու փաստերը չունենալով յետաձգած էր առաջարկին նկատառումը ( ՏՂԿ. Զ. 39), խիթալով իսկ վանական դիրքը խանգարել երբ զայն բարեկարգել կ՚ուզուէր: Միաբանական տարրին ամբողջութիւնն ալ պահանջուած վստահութիւնը չէր ներշնչեր. երկու կուսակցութեանց բաժնուելով տկարացած էր, եւ իրար նախատելու եւ ստորնացնելու ճիգերով հանրութեան միտքերը պղտորած էին: Եթէ մէկ կողմ խոհական կ՚երեւէր` սակայն մեծամասնութեան ոյժը չունէր, եւ եթէ միւս կողմը մեծամասնութեամբ կը ներկայանար` սակայն խոհականութեան մասին շատ ետեւ կը մնար: Այսուհանդերձ պէտք էր գործի ձեռնարկել, թէ' ներկայն ապահովող կարգադրութիւններ ընել եւ թէ' առաջիկային պէտք եղած բարեկարգութիւնը ճշդել: Ամէն պարագայի մէջ ստիպողական էր ներքին վարչութիւնը վերանորոգել եւ գլխաւոր պաշտօնակալները որոշել: Ըստ այսմ Տէրտէրեան իր լուսարարապետութեանը կ՚անցնէր, Գայըգճեան ելեւմտից եւ Սամուէլեան վարժարանաց տեսչութիւնները կը ստանձնէին, Աճէմեան արդէն թարգման որոշուած էր, Թելեան Յոպպէի եւ Սարաճեան Վերիտոնի տեսչութեանց անցած էին. տնօրէն ժողովն ալ կը կազմուէր առանց քուէարկութեան դիմելու, որ կրնար անյարմար ելք մը ունենալ, եւ պաշտօնի կը կոչուէին Դաւիթ Տէրտէրեան լուսարարապետութեան իրաւամբ, Արիստակէս Խաչատուրեան, Գրիգորիս Պօյաճեան, Պօղոս Շահնազարեան, Սերովբէ Սամուէլեան եւ Գէորգ Յովհաննէսեան, տեսակ մը միջակային շահեցողական ուղղութեամբ: Ըմբոստութեան երեք գլխաւորներուն մեկնելէն ետքը, Հմայեակ Երէցեան ալ Դամասկոսի եւ Վահան Քէշիշեան Բեթղեհէմի տեսչութեամբ կը հեռացուէին. Աթանաս Ասլանեան եւ Եփրեմ Պէզիրճեան, Ս. Յարութիւն եւ Ս. Փրկչայ տեսչութիւններէն կ՚արձակուէին, եւ բոլոր առձեռն կարգադրութեանց մտադրութիւն կը դարձուէր: Կը լսուէր թէ երեք Կ. Պոլիս մեկնողներ սնտուկէն մեծկակ գումարներ վերցուցած են, ուստի Յոպպէի մէջ ձեռուըներնէն առնելով ճանապարհորդութեան բաւական ծախքը միայն կը թողուէր իրենց: Ամենէն փափուկ եւ դժուարին կէտը Յարութիւն պատրիարքի անձնաւորութեան հանդէպ բռնուելիք կերպն էր: Իրեն քով առաջին մտնողը Տէրտէրեանն էր որ վերջին ելլողն էր եղած, իսկոյն ոգեւորութեան շարժում մը կը տեսնուէր ծերունազարդ պատրիարքին դէմքին վրայ, որ սիրտին խորէն զայրագին հառաչանք մը կ՚արձակէր տագնապներու պատճառ եղող ըմբոստներու դէմ, եւ գերութենէ ազատագրեալի մը խանդավառութիւնը կը յայտնէր: Տեղապահ եւ պատուիրակ մեծարանաց ողջոյններ կը մատուցանէին, բայց պաշտօնական կացութեան վրայ խօսելէ կը զգուշանային: Դարձող միաբաններ հետզհետէ յարգանաց աջահամբոյրի կը մտնէին, սակայն հնար չէր կացութեան իսկութեան վրայ խօսիլ եւ լիովին բացատրել: Վեհապետեան անգիտակ չէր իրեն դէմ եղած որոշման, բայց վեհանձնական զգացմամբ անոր վրայ անդրադառնալ չէր սիրեր. տեղապահ եւ պատուիրակ եւ ընկերացողներ կը զգային թէ պաշտօնական որոշումներ եւ պաշտօնական ձեռնարկներ այդ որոշման հիմնուելով կատարուած էին, եւ զայն փոփոխել կամ այլապէս գործել անհնար էր, հետեւաբար փոխադարձ վերապահեալ մտածումներով եւ լռին ընթացքով պէտք էր նոր ձեւուած կացութեան համակերպիլ եւ ըստ այնմ վարել տիրող ընթացքը: Արդէն կեդրոնի երեսփոխանական որոշումը պատուոյ մասը ամբողջաբար պահած էր պաշտօնանկ հռչակեալ պատրիարքին վրայ. իսկ գործունէութենէ զինքն հեռու պահելն ալ կը պատրուակուէր տարիքին եւ տկարութեան բերմամբ չյոգնեցնելու պատճառանքով, եւ այդ սեթեւեթեալ ձեւով շարունակուեցան պատրիարքին եւ պաշտօնէութեան ու միաբանութեան յարաբերութիւնները ութն ամիսներ` մինչեւ պատրիարքին մահը: Վանքին մէջ եպիսկոպոս մնացած չէր, տեղապահն ալ վարդապետ էր, մինչ սուրբ տեղեաց իրաւասական հանդէսները եպիսկոպոսական նախագահութիւններ կը պահանջեն, եւ այդ պակասը լրացնելու համար պատրիարքարանի կարգադրութեամբ մարտի կէսին զատկական միջոցէն առաջ, երկրորդ անգամ Երուսաղէմ կը հասնէր Յովհաննէսեան Գրիգորիս եպիսկոպոս, որուն ուրիշ պաշտօնական գործունէութիւն յանձնուած չէր: Վանական ներքին վարչութիւնն ու մատակարարութիւնը իրենց սովորական ձեւն առած էին եւ հանդարտօրէն կը շարունակէին. ըմբոստ խմբակին պետերը այլեւս չկային, իսկ հետեւորդներ ամէն տեղ զօրաւորին ու տիրողին հպատակելու եւ գործակցելու վարժ տարր մը կը կազմեն. այնպէս ալ կ՚իրականանար Երուսաղէմի մէջ, ուր ժամանակ մը եւս կը մնար կեդրոնի կողմէ տեղապահին պարգեւուած Պարգեւ պատուիրակը: Անցողակի աւելցնենք այստեղ թէ կեդրոնական Ընդհանուր ժողովոյ կողմէն հաշուեքննիչ յանձնաժողովոյ եզրակացութեան հաստատութեան, եւ գործադրութիւնը վարչութեան յանձնուելուն վրայ 3141), վարչութիւնը 1908 դեկտեմբեր 16-ին Երէցեանը 105 եւ Մաքսուտեանը 11. 268 ոսկի վճարելու հրաւիրած էր: Թէպէտեւ հաշուեքննիչը 13. 966 ցուցած էր Մաքսուտեանի պարտքը ( ՏՂԿ. Թ. 27), սակայն վարչութիւնը զեղչած էր 2698 ոսկի անընդունելի կալուածոց գնոյն պատահմամբ տեղի ունեցած կրկնումը ( ՏՂԿ. Ժ. 14), Երէցեան դեկտեմբեր 24-ին կը պատասխանէր, թէ իրմէ պահանջուած գումարին մէկ մասը լրագիրներուն նպաստ տրուած է, եւ միւս մասը Յարութիւն Մրմրեանի Ալէլուիա գրքին տպագրութեան ծախսուած է, որ ամբողջաբար Երուսաղէմատուն կը գտնուի. Մաքսուտեան ալ դեկտեմբեր 30-ին իր հերքմնագիրին ( ՏՂԿ. Ժ. ) բովանդակութիւնը կը կրկնէր, եւ այս գրութիւններ նախաքննութեան կը յանձնուէին ( ՏՂԿ. Զ. 36):

3146. ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒԹԵԱՆ ՃԻԳԵՐ

     Դժուար չէր առձեռն գործերը կերպաւորել առժամեայ կարգադրութիւններով, բայց Երուսաղէմի խնդիրը այսչափով չէր փակուեր, զի վերջին եղելութիւններ ուշագրաւ մտադրութիւն կը հրաւիրէին հիմնական կէտերու վրայ: Երբոր առաջին անգամ Օրմանեանի պատրիարքութեան օրով Երուսաղէմի անցքերը ստիպեցին որ կեդրոնը միջամտէ 3044), երկու գլխաւոր կէտեր կը ներկայանային իբրեւ կարեւորագոյն պահանջ. Երուսաղէմը ազատել Մաքսուտեանով սկսած ու եռեակով ամրացած շահախնդիր վարչութենէն, եւ Երուսաղէմի սնտուկին դարձնել Մաքսուտեանի կողմէն իւրացուցուած գումարները: Առաջինը իրագործուեցաւ Խապայեանի կաթողիկոսութեամբ հեռանալովը եւ Մաքսուտեանի իշխանութեամբ դուրս հանուելովը 3056), եւ վանքը յանձնուեցաւ կանոնի նախանձախնդիր հաշուեպահանջ կուսակցութեան, հնարաւոր աստիճանով հանդարտ վարչութիւն եւ կանոնաւոր մատակարարութիւն սկսաւ Երուսաղէմի աթոռին եւ վանքին մէջ: Երկրորդ կէտը հաշուական մանրախոյզ զննութեանց պէտք ունէր, բայց տոմարներ եւ վաւերաթուղթեր կը պակսէին. Մաքսուտեան ամբողջական հաշիւ ներկայելէ կը խուսափէր, մանուածապատ պաշտպանողականներով խնդիրը կը պղտորէր, մակաբերական քննութեանց ընթացքը դատական ճշդութենէ զուրկ կը մնար, եւ ազգային իշխանութիւնն ալ բարոյական էր եւ պետական դատարաններու բռնադատիչ զօրութիւնը չունէր: Հետեւաբար խնդիրը կ՚երկարէր, բայց հետզհետէ կը լուսաբանուէր եւ լուծման մօտեցած էր: Օրմանեանի դադրելովը եւ Իզմիրլեանի յաջորդելովը կը սպասուէր որ առաջին կէտը աւելի եւս ամրանար, եւ երկրորդ կէտն ալ վերջնական լուծման յանգէր, քանի որ Իզմիրլեան Երուսաղէմի մէջ ապրած էր, իրողութեանց խորապէս գիտակ էր, Մաքսուտեանի դէմ խնդիրը ուսումնասիրած եւ շարժումը քաջալերած էր, եւ նոր սկսած վարչականութեան մէջ համակրական զօրութիւն եւ անհակառակ հեղինակութիւնը կը վայելէր: Սակայն արդիւնքը բոլորովին հակառակ էր եղած, Մաքսուտեան կրցած էր զօրանալ, ազդեցութեան վերադառնալ, կացութիւնը այլայլել, գործերու տիրապետել: Այս նպատակին գործածուած միջոցները փնտռել աւելորդ կ՚ըլլայ, երբ հետեւանքին ոյժն ու ծանրութիւնը մէջտեղ է: Կեդրոնը եւ հանրութիւնը եւ ընդհանուր կարծիքը, մէկ խօսքով ազգը, գործ եւ հետեւանք կը փնտռէ, երբոր անոնք ձախողած են, զուր ջանք եւ սին աշխատանք կ՚ըլլայ ձախողուածին ինչոflւն եւ ինչոflվը եւ ինչպէflսը հետազօտել: Հաշուեպահանջ կողմը առաջին կացութեան մէջ վստահութիւն ազդած եւ զօրաւոր կարծուած եւ կացութեան տիրացած էր, բայց երբ ան իր դիրքէն վտարուած օգնութիւն խնդրելու համար կեդրոն կը դիմէր, Երուսաղէմի խնդիրը հիմնովին քայքայուած կ՚երեւար: Հաշուեխոյսներ վստահութիւն չէին ազդեր. հաշուեպահանջներ զօրութենէ զուրկ էին. Երուսաղէմի խնդիրին համար հիմնական պահանջը կը պակսէր, եւ դարմանը ուրիշ կողմէ փնտռել անհրաժեշտ կը դառնար, եւ այս երեւոյթին դիմաց կը գտնուէր կեդրոնական վարչութիւնը: Դարմանին համար ոյժ պէտք էր, ոյժին համար դիրք, դիրքին համար կանոն, եւ գտնուած կանոնն ալ տկար գտնուած էր: Ահա ի'նչպէս կը ներկայանար Երուսաղէմի խնդիրը երբոր ըմբոստ վարչութեան տեղ կեդրոնէն կազմուած տեղապահական շրջանը կը սկսէր: Կեդրոնական վարչութիւնը իր մէջէն ձեռնհաս դատուած անդամակիցներու, Հայկ Խօճասարեանի եւ Սարգիս Սուինի, յանձնած էր ծրագիր մը պատրաստել, միեւնոյն ատեն պատուիրակ Փափազեանի ալ յանձնարարած էր ուրիշ ծրագիր մը պատրաստել տեղւոյն վրայ քաղուած տեղեկութիւններով եւ կատարուած խորհրդակցութիւններով: Այս կրկնակի յանձնարարութեանց արդիւնքն եղան 1910 մարտ 8-ին խառն ժողովէ ընդունուած պատուիրակի հրահանգը ( ՏՂԿ. Զ. 40-44), եւ մայիս 3-ին պատուիրակին ու տեղապահին համաձայնութեամբ ներկայացուցած բարեկարգական հրահանգը ( ՏՂԿ. ԺԲ. 14-18): Վարչական հրահանգը թէպէտ կը դիտէ տեղապահին տեղաւորուելէն ետքը Պարգեւ պատուիրակին ընթացքը ճշդել. սակայն այդ առթիւ սկզբունքներ ալ կը շօշափէ, եւ իբրեւ հիմ կ՚ընդունի 1888-ի կանոնագիրը 2933), Երուսաղէմի աթոռին եւ վանքին եւ ուխտատեղեաց սեփականութիւնը ընդհանուր ազգին պատկանիլը կը շեշտէ ( ՏՂԿ. Զ. 41), պատրիարքի եւ միաբանական ու տնօրէն ժողովներու իրաւունքները կը ճանչնայ, նոր պաշտօնէութիւն կազմել կը յանձնարարէ, աթոռին ընդհանուր եւ միաբաններու մասնաւոր սեփականութեանց վաւերական ցուցակները կը պահանջէ, 1893-1908 տարիներու հաշիւներու մասին նոր հետազօտութիւն կը հրամայէ, 1909-1910 ըմբոստ ժամանակին համար խիստ քննութիւն կը պատուիրէ, բոլոր գոյից ցուցակներու հետ բաղդատութիւնը կը հրահանգէ, տեղապահի պաշտօնը զօրացնել կը թելադրէ, եւ ընդհանուր բարեկարգութեան եւ զարգացման համար անհրաժեշտ դատուած պայմանները ներկայացնել կը հրամայէ ( ՏՂԿ. Զ. 44): Իսկ պատուիրակի եւ տեղապահի ծրագիրը առժամեայ կարգադրութիւններէն զատ կ՚առաջարկէ, մատակարարական յանձնաժողով մը կազմել միաբաններէ ( ՏՂԿ. ԺԲ. 14), նախատեսեալ ելեւմտացոյց ունենալ, նոր պարտք չաւելցնել, պաշտօնէից ամսատետրները ջնջել, ամէն ծախքերու անդորրագիր պահանջել, կալուածական վարձքերը յաւելուլ, հեռաւոր տեղեր գտնուող ապարդիւն կալուածները եւ վանքին մէջ եղող աւելորդ գոյքերը վաճառել, հողային կալուածները արդիւնաւորել, քաղաքացւոց համար ծախքերը հետզհետէ նուազեցնել, վարժարաններու եւ տպարանի ոյժ տալ, փուռ եւ մոմատուն փակել, քանի որ արդիւնաւորել դժուար է ( ՏՂԿ. ԺԲ. 18): Ինչպէս այս ամփոփումներէ կը տեսնուի, կեդրոնը եւ անկէ բղխած հրահանգները բնաւ կամք չունին Երուսաղէմի աթոռին եւ միաբանութեան դիրքը խախտել, կամ իրաւունքները զեղչել, այլ նպատակ ունին տիրող կանոնագիրի խիստ պահպանութեամբ կացութիւնը բարւոքել եւ բարեկարգել, եւ բացառիկ տեղապահութիւնն ալ շարունակել մինչեւ որ կանոնաւոր կացութեան վերանորոգմամբ` հնար ըլլայ միաբանական ժողովով եւ կեդրոնով պատրիարքի ընտրութիւն կատարել:

3147. ՀԵՏԵՒՈՐԴ ԵՂԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Պարգեւ Փափազեան պատուիրակ 1910 յունուարի վերջէն մինչեւ մայիսի սկիզբը, երեք ամիս Երուսաղէմ մնաց իբրեւ կեդրոնի լիազօր ներկայացուցիչ եւ իբրեւ տեղապահի օգնական, այնպէս որ կրնանք համարձակ ըսել թէ վանքին իսկական վարիչն եղաւ, լրացնելով Դանիէլ տեղապահին վարչական պակասը, եւ առաջնորդելով առ հասարակ ամէն պաշտօնէութեանց գործերուն, եւ սկզբնաւորելով նոյն բարեկարգական կէտերը, որոնք վերջէն գրի առնելով կեդրոնին ներկայացուց, եւ զորս մենք վերեւ հակիրճ կերպով ամփոփեցինք 3146): Վանքին ընթացքը հանդարտ կերպարան առաւ, խաղաղ կեանքի երեւոյթը ընդարձակուեցաւ, թէպէտեւ նոր առաւելութեանց եւ զարգացման կողմէն աչքառու պարագայ մը չունինք նշանակել: Այդ կացութիւնը տեղապահը քաջալերեց օր առաջ ձեռք անցունել եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը, որուն որոշումը Կ. Պոլիսէ չմեկնած կեդրոնէն տրուած էր, եւ միաբանական նոր որոշման պէտք չէր զգացուեր, քանի որ միաբանական ժողովներ ընդհատուած էին, եւ ներքին վարչութիւնն ալ բացառիկ պարագաներու ներքեւ կը գտնուէր: Տեղապահին բացակայութեան ատեն դիրք ունեցող փոխանակող մը ունենալու համար, տեղապահ եւ պատուիրակ եւ կեդրոն համաձայնեցան Պալեան Տրդատ եպիսկոպոսի վրայ, եւ զայն նշանակեցին խորհրդական անունով. թէպէտեւ Կեսարիոյ առաջնորդութեան անունով եւ ոչ միաբանական որոշումով 1899 մայիս 27-ին եպիսկոպոս ձեռնադրուած ըլլալուն, անկէ ի վեր միաբանութենէ մերժուած կը նկատուէր. բայց բացառիկ օրերու մէջ այսպիսի պարագաներու շատ մտադրութիւն չէր դարձուեր: Պալեան Կ. Պոլսոյ մէջ գտնուելով իսկոյն Երուսաղէմ ուղեւորեցաւ, եւ ապրիլ 20-ին հասաւ իրեն առաջարկուած դիրքը գրաւելու, եւ Դանիէլ անմիջապէս մեկնելու կարգադրութեանց ձեռնարկեց: Պարգեւ պատուիրակն ալ իր պաշտօնը լրացած սեպելով որոշեց մեկնիլ, Գայըգճեան ալ վանական շփոթութիւններէն յոգնած Եգիպտոսի աթոռական կալուածներու հսկողութեան եւ Ազարեան Վահրամ վարդապետի ժառանգական խնդիրին կարգադրութեան համար տեսչական պաշտօնով Եգիպտոս երթալ փափաքեցաւ եւ արտօնուեցաւ, եւ Պալեան այս առթիւ տեղապահի փոխանորդութեան հետ ելեւմտից տեսչութիւնն ալ ստանձնեց: Մայիս 8-ին Գայըգճեան եւ Փափազեան Աղեքսանդրիոյ ճամբով, եւ 10-ին Դանիէլ Վերիտոնի գիծով մեկնեցան, եւ քիչ օր ետքը յունիս 1-ին Երուսաղէմ հասաւ Չիլինկիրեան, որուն Էջմիածին եպիսկոպոսանալու երթալը յիշած ենք 3142), եւ փետրուար 21-ին ձեռնադրուելով դարձած էր Կ. Պոլիս իր փոխանորդական պաշտօնը շարունակելու միտքով: Սակայն յարմարագոյն դատուեցաւ Գազազեանը պահել պաշտօնի վրայ եւ զինքը Երուսաղէմ կոչել: Յովհաննէսեան ալ մեկնեցաւ Չիլինկիրեանի հասնելէն ետքը, զի վանքին մէջ երկու եպիսկոպոսներ ալ կը գտնուէին այլեւս հանդէսներու պէտքը լրացնելու, որոնց աւելի կը հետեւէր Չիլինկիրեան քան Պալեան: Իսկ Յարութիւն պատրիարք առանձնական կեանք կ՚անցունէր, հեռու պաշտօնական գործերէ եւ աշխատութիւններէ, եւ երբեմն ալ յատուկ պարագաներու առիթով եկեղեցական պաշտամանց կը նախագահէր Ս. Յակոբայ աթոռական եկեղեցւոյն մէջ, պահելով պատրիարքական դիրքին ու պատուոյն բոլոր պահանջները: Բոլոր վանականներ, մեծէն մինչեւ պզտիկը, ամէն փափկանկատ զգուշութիւն կը գործածէին չզգացնելու համար իրեն պաշտօնական դիրքին խախտուած ըլլալը. արդէն շատ ալ չէին իրեն մօտ յաճախողներ, եւ գացողներ գիտէին ճարտար դարձուածներով զինքն հանդարտել, երբոր ինչ ինչ պաշտօնական գործողութեանց մասին կը հետաքրքրուէր, վստահեցնելով թէ պէտք չէ ինքն մտահոգ լինի, եւ թէ ամէն բան իր բաղձանքին համաձայն կը կատարուի: Խորագէտ ծերունին, որուն գիտակցութիւնը այլայլած չէր, լաւ կը հասկնար իրեն հանդէպ գործածուած ձեւերուն ներքին իմաստը, բայց վեհանձն զգացմամբ անգիտակ ձեւանալով, թէ' իր դիրքը կը պահէր, եւ թէ' զինքն չէր նեղեր, ինչպէս ամէն ծերերու, մանաւանդ իննսնամեաներու բնական բերմունքն է: Կեանքը կանոնաւոր էր, առողջութեամբ գոհացուցիչ, առանց ակնոցի երկար ժամեր ընթերցման կը պարապէր, եւ տարիքին համեմատ քաջառողջ էր, մտերմական եւ զուարթ խօսակցութիւններէ կ՚ախորժէր, եւ վերջին օրեր աւելի լաւ կը զգար զինքն, եւ բժիշկներ ալ կը վկայէին. միայն ելնելու եւ նստելու համար զգուշութեամբ շարժուելու կամ օգնութիւն փնտռելու պէտք ունէր: Սեպտեմբերի վերջին օրը յանկարծ անզգոյշ շարժումով մը սենեակին մէջ կ՚իյնայ, սաստիկ կը ցնցուի, տենդ կը յաջորդէ, անկողին կ՚իյնայ, թոքատապ կը յայտնուի, բժշկական խորհրդակցութիւնն ալ չի կրնար յառաջացումը արգիլել եւ չորս հինգ օրէն կեանքը կը վերջանայ, որ առանց իյնալու արկածին, բժշկական վկայութեամբ, կրնար բաւական ժամանակ եւս երկարել: Վախճանը տեղի ունեցած է հոկտեմբեր 5-ին, թէպէտ 8-ին Կ. Պոլսոյ մէջ ստոյգ լուր հասած չէր հեռագիրին յապաղելուն պատճառով: Սակայն վիճակին ծանրանալը իմացուած ըլլալով սկսած էր խօսուիլ, եւ մինչեւ իսկ պահ մը մայրաքաղաքի մէջ կը կարծուէր, թէ մահուան գոյժը դիտմամբ կը պահուի, եւ թէ թաքուն միտք մը կայ (10. ԱՐԼ. 7438): Երուսաղէմի մէջ հանգուցելոյն թաղումը կատարուեցաւ 7-ին ամենայն շուքով եւ պատրիարքներու յատուկ պայմաններու լիուլի պահպանութեամբ եւ Չիլինկիրեանի նախագահութեամբ: Այս անգամ աթոռը իսկապէս թափուր էր. կեդրոնը որոշեց որ տեղապահի նոր ընտրութեան պէտք չկայ, եւ թէ Դանիէլ, որ սեպտեմբեր 19-ին եպիսկոպոս ձեռնադրուած էր, պէտք է տեղապահութիւնը շարունակէ, եւ նոր ընտրութեան նախագահէ (10. ԱՐԼ. 7439): Ուստի Էջմիածին հեռագրեց դարձը փութացնել. ան ալ քիչ ետքը, հոկտեմբեր 3-ին, Բագուէ ուղեւորած էր (10. ԱՐԼ. 7442), Տփղիս հանդիպեցաւ, 18-ին Կ. Պոլիս հասաւ (10. ԱՐԼ. 7445), եւ անկէց փութաց Երուսաղէմ երթալ: Իզմիրլեան կաթողիկոս սեպտեմբեր 19-ին տասը եպիսկոպոս միանգամայն ձեռնադրած էր, եւ Երուսաղէմի գործերուն մասին զգացած գոհունակութեան իբր յայտարար, Դանիէլի առաջնութիւն տուած էր, հակառակ ձեռնադրութեանց կարգին եւ միանգամայն արքութեան պատուանունն ալ շնորհած (410. ԱՐՐ. 818 եւ 905):

3148. ՎԵՀԱՊԵՏԵԱՆԻ ԱՆՁՆ ՈՒ ԳՈՐԾԸ

Երուսաղէմի պատրիարք Յարութիւն Վեհապետեանի կեանքին քայլ առ քայլ հետեւած ենք, սկսելով իր մանկութենէն 2651) եւ օտարազգի ծագումէն (10. ԱՐԼ. 7436), եւ գրածներնուս վրայ անդրադառնալու պէտք չենք զգար. բայց ինչպէս քանիցս ակնարկած ենք, նշանաւոր եւ պատմական անձերու կեանքը հնար չէ փակել առանց ընդհանուր տեսութեամբ մը անոնց շիրիմը կնքելու: Յարութիւն 1910 յունիս 2-ին իր եպիսկոպոսութեան յիսնամեակը լրացուցած էր, եւ 1911 դեկտեմբեր 8-ին քահանայական ձեռնադրութեան վաթսունամեակը պիտի լրացնէր, եւ Երուսաղէմի պատրիարքութեան ընտրուելէն քսանեւհինգամեակն ալ եղած էր, եւ միաբանութիւնը մտադիր էր մեծահանդէս յոբելեան մը կատարել առաջիկայ Զատկին, իր անուան տօնին եւ ուխտաւորութեան միջոցին, եւ կատարած ալ կ՚ըլլար հակառակ 91 լրացած տարիներուն, եթէ իյնալուն դժբախտ պատահարը տեղի չունենար: Վիմարդեայ կազմի եւ անթերի առողջութեան տէր եղած պէտք է ըսուի Վեհապետեանը, եթէ այդչափ կորովով այդչափ երկար կեանքին մէջ ըմպելեաց եւ ծխելեաց ժուժկալութիւնն ունեցած չէր: Սակայն երկարագոյն կեանքը բարձրագոյն արժանեաց գրաւական չէ. զի սաղմոսերգուն ալ ութսունէ անդին տարիները ցաւօք եւ հեծութեամբ որակած է ( ՍԱՂ. ՁԹ. 10): Ութսունին, որ է ըսել Երուսաղէմի պաշտօնավարութեան կիսուն, Յարութիւն իր փառաւոր օրերուն գագաթնակէտն էր, եւ իր շինարար օգուտները կը փառաբանուէին, եւ աւելի փարելի եւ սխրալի եղած պիտի ըլլար իր յիշատակը հանրութեան միտքին մէջ, եթէ հոն եղած ըլլար վերջին տպաւորութիւնը: Ընդհանրապէս շատ աւելի բարձր եղած է կատարեալ գործունէութեան մէջ կնքուած կեանքերուն յիշատակը, քան գործունեայ ընթացքը աւարտելով անգործ հանդարտութեան մէջ փակուած կեանքը: Յարութիւն զանազան ասպարէզներու մէջ աշխատեցաւ, բայց գլխաւորապէս կը յիշուին Կարնոյ առաջնորդութիւնը, Կ. Պոլսոյ պատրիարքութիւնը, եւ Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը: Կարնոյ առաջնորդութիւնը թէպէտ քննադատուած ու մեղադրուած, բայց նշանակալից երկարութիւն ունեցաւ, դժուարին պարագաներու յաղթանակեց, եւ շինարար յիշատակներ թողուց: Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան մէջ յարաբերական խնդիրները խոհականութեամբ գործածեց, եւ կաթողիկոսական խնդիրին մէջ եկեղեցւոյ տեսակէտէն օգտակար ուղղութիւնը պաշտպանեց: Իսկ Երուսաղէմի պատրիարքութեան մէջ սովորական ընթացք ամրապէս պահեց, բայց մեղադրուեցաւ Մաքսուտեանի եւ եռեակի առջեւ բացած լայն ասպարէզին մէջ, եւ իր վերջին տարիներու մէջ վանական խառնակութիւնները չզսպելուն համար, եւ մենք ալ այդ երկու կէտերուն վրայ մեր դիտողութիւնները չխնայեցինք: Բայց արդար ըլլալու համար խառնակութեանց կէտին մասին պէտք է ընդունիլ տարիքին չքմեղանքը, եւ Երուսաղէմի պատրիարքէն աւելի կեդրոնական վարչութիւնը մեղադրել, որ ազատութեան շրջանին մէջ Երուսաղէմի խնդիրին բնութիւնը այլափոխեց, կացութեան ներքինին չթափանցեց, պէտքին ու դարմանին համեմատութիւնը չկշռեց, եւ ի զուր բազմամեայ եւ բազմավաստակ աշխատաւորին վարկին ու պատուոյն գամագիւտ եղաւ պաշտօնանկութեան վճիռով դարմանել փորձեց: Յարութիւն, կեդրոնէ դատապարտուած եւ պաշտօնէ զրկուած, անաչառ քննադատութեան կշռորդով ո'չ յանցապարտ մը եղած է, եւ ո'չ պատասխանատուութեան ենթարկուած է. անխորհուրդ վճիռին ձախորդ հետեւանքը պէտք է վճռատուներուն վրայ դարձնել եւ կարող գործադիրներու յանձնուած չըլլալը դիտել: Թերեւս Վեհապետեան իրաւամբ կարենայ դատափետտուիլ Մաքսուտեանի ներած ազատութեամբը, եւ եռեակի առջեւ բացած ընդարձակութեամբը, թէպէտ սկզբնապատճառն ու ստեղծիչը ինքն չեղաւ. բայց իր կարողութիւնը Եսայիի կարողութենէն վեր էր, եւ իր փորձառութիւնը Եսայիի փորձառութենէն աւելի էր, եւ իրմէ կրնար սպասուիլ որ Եսայիի շեղումը շտկէ եւ Եսայիի թերին լրացնէ: Բայց ինչ որ այս մասին կրնանք Յարութիւնի ի նպաստ աւելցնել, սխալին մէջ իսպառ չյարատեւելն է. զի թէպէտ անագան, բայց ոչ կատարելապէս անժամանակ, այլ դարմանի ատակ եւ ընդունակ միջոցի մէջ, ինքն իր վրայ անդրադարձաւ եւ երկար տարիներ պաշտպանածէն ետ կեցաւ, երբոր շօշափելի կերպով անոր սխալ ուղղութիւնը զգաց եւ չարաշահ գործունէութիւնը տեսաւ: Այս կերպով, եթէ պահ մը սխալելով խաբուած ըլլալը ցուցուց, սակայն նենգաւոր դիտումով եւ յամառ չարակամութեամբ գործած ըլլալու դատավճիռէն ազատ մնաց. իսկ եթէ վերջին միջոցին դարձեալ նախապէս պաշտպանածին նպաստաւոր երեւցաւ, երբեք յօժարակամ եւ համոզուած չեղան այն յայտարարութիւնները, այլ անօգնական ծերունւոյն բնութեան հանդէպ անձնատուր եղած ըլլալուն արդիւնքն եղան, եւ այս ալ յայտնի տեսնուեցաւ երբ ուրախութեամբ ողջունեց իր ուղիղ համոզման համաձայն կատարուած փոփոխութիւնը: Հետեւաբար ոչինչ կ՚արգելու որ ինչպէս նիւթական, նոյնպէս եւ բարոյական տեսակէտէն պատուով յիշուի Վեհապետեան Յարութիւն պատրիարքի անունը պատմութեան մէջ, եւ իր յիշատակը օրհնուի Երուսաղէմ եւ Կոստանդնուպոլիս եւ Կարին եւ ուրուրեք նշանաւոր հետքեր եւ օգտակար արգասիքներ կենդանի կը պահեն իր արդիւնաւորութիւնը: