Ազգապատում. հատոր Գ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

2370. ՔՆՆՈՒԱԾ ԿԷՏԵՐ

Միաբանական բանակցութիւնները թողուցինք յանձնախումբի քննութեան առջեւ 2365): Բայց մինչ անոնք բառերու եւ բացատրութիւններու տարբերութիւններով կը զբաղէին (ՊԷՐ. 119), Պօղոս պատրիարք աւելի կարճ ճամբով լուծման հասնիլ կ՚աշխատէր. պետական ստիպումը առջեւ կը դնէր, եւ խնդիրները գործնական ձեւի կը վերածէր: Յայտարարութիւն մը պատրաստած էր, ի սրբոյն Գրիգորէ Լուսաւորչէ մերմէ սկսեալ մինչեւ ցարդ Հայաստանեայց ուղղափառ սուրբ եկեղեցւոյ ընդունածը ընդունելու եւ մերժածը մերժելու (ՊԷՐ. 115), որ հռոմէականներէն շատերուն խիստ երեւցաւ: Այն ատեն աւելի եւս դիւրութիւն ընծայելու համար, գոհացաւ նիկիական հանգանակին վրայ ստորագրութիւն պահանջել, որուն ամենեքեան հաւանեցան (ՊԷՐ. 116): Ասով Պօղոս փաստ պիտի ունենար կառավարութիւնը վստահեցնելու թէ պառակտումը վերջացած է: Բայց միւս կողմէն յանձնախումբը կը շարունակէր վիճել, զի հռոմէականներ կը պահանջէին որ Հայերը անպայման ընդունին սա հինգ կէտերը` 1. երկու բնութեան բանաձեւը. 2. եւ յՈրդւոյ բղխումը. 3. քաւարանի դրութիւնը. 4. պապական սկզբունքը. եւ 5. վերջին օծումը (ՊԷՐ. 119): Նիստերը ընդհանրապէս իրիկունները կը սկսէին, եւ մինչեւ գիշեր կը շարունակուէին (ՊԷՐ. 121): Գումարմանց տեղն էր Եէնիզարու թաղը, Պալեանի եւ Պէզճեանի տուները փոփոխակի (ՊԷԶ. 45): Թէպէտ յանձնախումբը եօթը անձերէ բաղկացած էր 2365), բայց ստէպ ուրիշներ ալ կը մասնակցէին, երկու կողմերէն հաւասարապէս: Մէկ կողմէն լուծման մը յանգելու անկաշկանդ փափաքը, միւս կողմէն անօրինական խորհուրդներու մասին երկդիմի բացատրութիւնները, յաջողեցան վերջապէս երկու կողմերը իրարու մօտեցնել, բայց ոչ թէ յստակ եւ որոշ եւ ճշդուած բանաձեւի մը վրայ, այլ Շարականներէն եւ Յաճախապատումէն քաղուած վկայութիւններու այնպիսի մեկնութիւններ տալով, որ երկու կողմերն ալ անոնց ներքեւ ուզած իմաստնին գտած կարծեն: Այդ միտքերը յատուկ դրութեամբ մըն ալ պարզուեցան, եւ Յանձնախումբի անդամներէն եւ անոնց խորհրդակիցներէն ստորագրուեցան, եւ պատրիարքին ներկայացուեցան: Այդ գրութեան պատճէնը ունինք (ՊԷՐ. 122-126), բայց թուական չունի, եւ թէպէտ ապրիլի սկիզբները ըսուած է (01. ՕՐԱ. 183), եւ սակայն Աւագ չորեքշաբթի օրը յիշուելէն (ՊԷԶ. 45) եւ 1820-ին Զատիկը մարտ 28-ին հանդիպելէն, պէտք կը զգանք մարտ 24 չորեքշաբթին թուական ընդունիլ: Գրուածին ներքեւ ՌՄԿԹ=1820 մարտ 8 թուական կը տեսնենք (ՀՐԱ. 51), որ կամ եզրակացութեանց յանգած ըլլալնուն թուականն է, եւ կամ նոյնիսկ 1820 մարտ 28-ին Զատկի օրուան շփոթուած թուականն է: Իսկ գրուածին վերլուծումը տալ աւելորդ կը գտնենք, զի ինչպէս ըսինք, պարզապէս վերոյիշեալ հինգ կէտերուն շուրջը ինչ ինչ վկայութիւններ յառաջ բերուած են, եւ երկու կողմերուն լսելիքը չխայթող մեկնութիւններ տրուած են:

2371. ԺՈՂՈՎՈՎ ՈՐՈՇՈՒՄ

Միւս առաւօտուն (ՊԷՐ. 121) որ կ՚ըլլայ Աւագ հինգաշբթի 25 մարտ, ստորագրուած գրութիւնը պատրիարքին ներկայացուեցաւ, որ ընդդիմութիւն չցուցուց, բայց հռոմէականներ անմիջապէս նոր առաջարկներ աւելցուցած էին, խնդրելով որ 1. Քաղկեդոնի եւ Լեւոնի դէմ նզովքները վերցուին, 2. Յովհաննէս Որոտնեցի եւ Գրիգոր ու Մովսէս Տաթեւացիներ չյիշուին, եւ 3. բոլոր ուղղափառական, իմա' հռոմէական ժողովները ընդունուին: Պօղոս այս յաւելուածներուն դէմ դրաւ, շատ համոզիչ պատճառներով, բայց միաբանական եռանդով վառուած ամիրաներ ամէն ստիպում գործածեցին պատրիարքին վրայ, որ մինչեւ իսկ աթոռէն հրաժարելու առաջարկը մէջտեղ դնելու հասաւ: Տիւզեանց աղէտին առթիւ յիշեցինք արքունեաց մէջ ամենակարող դարձած Հալէթ էֆէնտին 2361), որ Բարիզի մէջ Օսմանեան դեսպանութիւն վարած ատեն, իբր գաղղիերէնի ուսուցիչ իրեն մօտ ունեցած էր Աղաչրաղեան Մեսրոպ վարդապետը: Սա առաջնակարգ դիրք ունէր Վենետիկեանց մէջ, եւ գլխաւոր դեր կը վարէր միաբանական ձգտումներու մէջ, ուստի Հալէթի կը դիմէ, այնպէս իմն կը ցուցնէ, թէ միութեան գործը պատրաստուած եւ կրօնական խնդիրը պարզուած է, միայն թէ պատրիարքը դժկամակութիւն կը ցուցնէ երկրորդական եւ աննշան խնդիրներ հանելով, եւ թէ արքունական հրաման մը կրնայ ամէն դժուարութիւն հեռացնել: Հալէթ կը համոզուի, իսկոյն արքունի հրովարտակ հանել կու տայ, անդառնալի հրամանաւ, որ պատրիարքին կը հաղորդուի յաւուր մեծի չորեքշաբթի սուրբ զատկին (ՊԷՐ. 128), որ է զատկին չորրորդ օրը, մարտ 31-ին: Երկու օր ետքը (ՊԷԶ. 45), որ է ուրբաթ (ՊԷՐ. 129), ապրիլ 2, մեծ ժողով մը կը գումարուի մայր եկեղեցւոյ մէջ, բարձրաստիճան ու նշանաւոր եկեղեցականներու, վարդապետներու ու քահանաներու, եւ գլխաւոր ամիրաներու, եկեղեցեաց հոգաբարձուներու եւ գանձապետներու, արհեստապետներու եւ ուսումնական աշխարհականներու ներկայութեամբ: Ժողովի մէջ էին նաեւ Կիլիկիոյ Կիրակոս կաթողիկոսը, Էջմիածնի նուիրակը եւ Երուսաղէմի փոխանորդը: Մէջտեղ դրուեցան յանձնախումբէ պատրաստուած դաւանական յայտարարութիւնը, վերջին երեք առաջարկները, միութիւնը պարտադրող հրովարտակը, եւ վերջին առաջարկները պատճառանք չընելու նոր հրամանը: Պետական ստիպումները եւ միութեան բուռն փափաքները իրենց ազդեցութիւնը գործեցին, ժողովականք միաձայնութեամբ ստորագրեցին դաւանական յայտարարութիւնը յաւելուածական յօդուածներով առանց դիտողութեան, գործը ըստ ամենայնի լրացած կարծելով: Պօղոս պատրիարք հազիւ թէ բուռն ընթացքը չափաւորեց զեղչելով Լեւոնն ու Քաղկեդոնը ընդունելու խօսքը, եւ գոհանալով միայն` 1. շարականին մէջ եւ ձեռնադրութեան կոչումին լռել Լեւոնի եւ Քաղկեդոնի նզովքը. 2. պատարագին մէջ չյիշել Որոտնեցիի եւ Տաթեւացիներու անունները. 3. ընդունիլ ամէն դաւանութիւն որ համաձայն ըլլայ առաջին երեք սուրբ ժողովներուն. 4. ընդունիլ սուրբ եկեղեցւոյս մերոյ վարդապետութիւնները Լուսաւորչին եւ Շնորհալիին բացատրութեանց համեմատ (ՊԷՐ. 129-130), որով պիտի իմացուէր յանձնախումբին գրութիւնը, որուն այս առթիւ Հրաւէր սիրոյ անունը տրուեցաւ:

 

2372. ՎԵՂԱՐ ԱՌՆՈՂՆԵՐ

Միաբանական որոշումը արտաքին ցոյցով մըն ալ պէտք էր նուիրագործուէր, եւ այս պիտի ըլլար հռոմէական վարդապետներուն Հայոց եկեղեցին գալը եւ պատրիարքին հպատակութիւն յայտնելը: Վենետիկեան միաբաններու խմբակը որ մինչեւ այն ատեն ամենէն եռանդուն կ՚երեւար, իրեն նպատակին հասած սեպելով, արտաքին ցոյցէն հրաժարեցաւ, պատճառելով թէ գործը իրենցմով չի վերջանար, եւ թէ իրենք միայն քանի մը վարդապետներ են, մինչ հռոմէականք 7000 տուն ժողովուրդ են 60 եկեղեցականներով: Այս անգամ պատրիարքարան եւ աւագանին իրենց դէմ գործածեցին այն զէնքը զոր իրենք պատրիարքին դէմ գործածած էին, եւ նոյն ինքն Հալէթ էֆէնտիի ձեռքով զիրենք ստիպեցին պատրիարքին ներկայանալ եւ հայ եկեղեցին երթալ: Պարտաւորուեցան համակերպիլ, եւ օր որոշուեցաւ Զատկի երրորդ կիրակին (ՊԷՐ. 131), որ է Աշխարհամատրան տօնին օրը (ՊԷԶ. 46), ապրիլ 11-ին (ՊԷՐ. 439) եւ ոչ 18-ին (ՊԷՐ. 131. ՊԷԶ. 46, 01 ՕՐԱ 183): Անցողաբար յիշենք, որ ամսաթիւերը զանազան տեղեր տարբեր կերպով գրուած ըլլալուն, պատաւորուեցանք ճշդել տոմարական հաշուով: Նշանակեալ առտուն Գումքաբուի պատրիարքարանը եկան Վենետիկեան միաբաններէն, Մեսրոպ, Թովմաս, Թադէոս, Գրիգոր եւ Սերովբէ, եւ տեղական աշակերտութենէ Սահակ եւ Պօղոս վարդապետներ: Վենետկեաններէն հայր Քերովբէ, որ ութերորդ պիտի ըլլար, օր առաջ Վենետիկ մեկներ էր: Պատրիարքարանի մէջ հայ վարդապետի տարազն առին վեղարով եւ փիլոնով, եւ Հարցը երգուած միջոցին իջան Մայր եկեղեցւոյ հարաւակողմեան Ս. Որդւոց Որոտման եկեղեցին, ուր հանդէսը պատրաստուած էր: Իրենց կ՚առաջնորդէին Յակոբ վարդապետ Ադշէհիրցի պատրիարքական փոխանորդ, Գումքաբուի Մեսրոպ քահանայ յանձնախումբի անդամներէն, եւ Պալեան եւ Ազնաւորեան ամիրաներ: Ըստ սովորութեան պատրիարքին ներկայացան, որ գաւազան ի ձեռին աթոռին վրայ կը գտնուէր, կանոնական յարգանքը մատուցին, եւ դասին մէջ կանգնեցան: Եկեղեցին լեցուն էր երկու կողմերու գլխաւորներով եւ ժողովրդական բազմութեամբ: Պատրիարքը պատշաճ ատենաբանութեամբ, շնորհաւորեց եւ խնդակցեցաւ, եւ նոյն օր իր երկու սարկաւագներուն քահանայական ձեռնադրութիւն տուաւ, կոչումի մէջ Քաղկեդոնի եւ Լեւոնի նզովքները զեղչելով: Աղաչրաղեան Մեսրոպ պատարագի Աւետարանը կարդաց եւ հանգանակը արտասանեց առանց յաւելուածի, յիշատակութեանց կարգին Որոտնեցին եւ Տաթեւացիներ զանց եղան, եւ պատարագին վերջը` ամէնքը հանդէսով պատրիարքարան ելան, ուր պատրիարքը նորէն հաշտութեան վրայ բացատրութիւններ տուաւ, թիւրիմացութեամբ գժտեալ եղբայրներու զիրար հասկնալով հաշտուելնուն առակովը: Թէպէտ Պօղոս կուզէր վերադարձողները ինքն հիւրասիրել, բայց ամիրաները չթողուցին, եւ նոյն երեկոյէն ամէնքը մէյմէկ տուն տարուեցան եւ պատուասիրուեցան: Յաջորդ կիրակիներու մէջ Կ. Պոլսոյ զանազան եկեղեցիներ պատարագեցին եւ քարոզեցին: Որովհետեւ ժողովրդի մէջ շշնչիւններ սկսեր էին, պէտք եղաւ որ ջատագովական հրատարակութիւններ ալ տարածուին, ինչպէս ըրին հռոմէադաւաններէն հայր Թովմաս Մաքսէթեան մայիս 3-ին (ՊԷՐ. 137-142), եւ հայր Սերովբէ Ճէվահիրճեան մայիս 7-ին (ՊԷՐ. 143-148): Իսկ մայիս 17-ին Հոգեգալստեան երկուշաբթին Հրաւէր սիրոյ յայտարարութիւնը պատշաճ տեղեկութիւններով տպագրուած (ՀՐԱ. 19-63) ժողովուրդին մէջ ցրուիլ սկսաւ (01. ՕՐԱ. 183): Վերջապէս իբր գործին լրումն Պօղոս պատրիարք վերջին օծման իւղը օրհնեց, եւ քանի մը եկեղեցիներ ղրկեց, որ ուզողներուն մատակարարուի (ՊԷՐ. 161), հարկաւ հռոմէականութենէ եկողները շահելու համար: Օրհնութեան օր յուլիս 12 նշանակուած է (ՊԷՐ. 459), որ գուցէ յուլիս 11 պէտք է կարդացուի, Թադէոսի եւ Սանդխտոյ կիրակին, զի 12 երկուշաբթի լուր օր մըն է:

2373. ՕՐԻՆԱԿԱՆ ՏԵՍԱԿԷՏ

Եղելութիւնները պատմեցինք մանրամասն պարագաներով, որպէսզի ճիշդ գաղափար մը տուած ըլլանք` իր էութեան մէջ կարեւորութիւն ունեցող գործի մը վրայ, Իւր էութեան մէջ կարեւոր ըսինք, զի գործադրութեան մէջ պարտ ու պատշաճ կարեւորութիւն տրուած չենք գտներ: Համերաշխութիւն գոյացնելու միակ ճամբան երկկողմանի զիջողութիւնն է, բայց զիջողութեան վաւերականութիւնը իշխանութեան եւ ձեռնհասութեան վրայ կը հիմնուի: Երկու կողմերն ալ զիջողութիւններ կ՚ընէին, բայց ընողներ չունէին պէտք եղած ձեռնհասութիւնը: Հայադաւաններ վերջին օծումին իւղը կ՚ընդունէին, եւ գործածական նզովքներ եւ յիշատակելի անուններ կը լռեցնէին: Հռոմէադաւաններ ալ պարզապէս մեկնութիւններու վրայ հիմնուելով ինչ ինչ բացատրութիւններէ եւ բանաձեւներէ կը հրաժարէին, ինչպէս են` երկու բնութիւն, քաւարան, առանձնական դատաստան եւ յՈրդւոյ, եւայլն: Բայց այդ զիջողութիւն ընողներ քանի մը վարդապետներ եւ քանի մը ամիրաներ էին, եւ հռոմէականութեան ձեռնհաս ներկայացուցիչներ չէին, զի հռոմէականք առանց իրենց պապին բան մը վաւերական չեն ընդունիր: Հայոց կողմէն ալ Կ. Պոլսոյ պատրիարքը եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսը, համամիտներու խմբակով մը, Հայոց եկեղեցւոյն ոչ ներկայացուցիչները եւ ոչ ձեռնհաս պետերն էին, եւ երկու կողմերն ալ պահանջուած հեղինակութիւնը չունէին, եւ ոչ ալ կրնային ունենալ, ինչպէս անգամ մըն ալ բացատրեցինք 2323): Չենք կարծեր որ Պօղոս պատրիարք այդչափը չգիտցող կամ չմտածող մէկն եղած ըլլայ, բայց եթէ գիտնալով մէկտեղ գործին մասնակցեցաւ, մանաւանդ թէ գլուխ ալ կանգնեցաւ, պիտի ըսենք, թէ մէկ կողմէն հոսանքէն տարուած, եւ միւս կողմէն յուսացած ըլլայ, առաջին անկատար քայլը հետզհետէ կատարելագործել, մինչեւ որ ամէն օրինականութիւններ լրանան: Այս միտքն ունենալուն նշան կը սեպենք եղածին պատմութիւնը եւ կազմուած յայտարարութիւնները պարտ ու պատշաճ ստորագրութիւններով, եւ պատրիարքական փոխանորդ Ագշէհիրցի կամ Լիւստրացի Յակոբոս վարդապետին ձեռօք Եփրեմ կաթողիկոսին ղրկելը, եւ հայրապետական հաստատութեան ենթարկելը (ՊԷՐ. 135): Յիշատակներու մէջ չենք գտներ, թէ Էջմիածնի մէջ ինչ ընդունելութիւն գտաւ առաջարկը, եւ թէ ինչ պաշտօնական գործեր կատարուեցան: Բայց կ՚երեւի թէ ձեռնարկութիւն իսկ չեղաւ, զի կանխեցին Կ. Պոլսոյ աղմուկները, եւ Յակոբոս` եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն ստանալով` ետ եկաւ: Սա ինքն է Յակոբ Լիւստրացի կոչուած Երուսաղէմի միաբանը, որուն վրայ խօսելու առիթ պիտի ունենանք:

2374. ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ԱՂՄՈՒԿ

Երբոր ազգին մի մասին մէջ խանդավառութիւն կը տիրէր, անդին միւս մասը եղածը ջնջելու կերպեր կը մտածէր: Այս միտքին ծառայողներ երկու կողմերն ալ կը գտնուէին: Հայոց մէջ աւելի Ակնեցիներ եւ Կեսարացիներ գրգռուած էին, կարծելով թէ պատրիարքն ու պատրիարքարանը կաթոլիկութիւն ընդունած են, իսկ հռոմէականներէն ամբողջ Քօլէճեան մասը բազմաթիւ եկեղեցականներով իրենց կացութիւնը խախտած կը տեսնէին, եթէ հաշտութեան եւ համերաշխութեան գաղափարը ծաւալէր եւ իրականութիւն գտնէր, զի կաթոլիկամիտներէ շատեր մի զկնի միոյ թեւակոխէին ի գալ յեկեղեցիս Հայոց: Արդէն պաշտօնապէս ալ լատին եպիսկոպոսին դիմած էին, որ էր միշտ նոյն Վինկենտիոս Քօրէզին, եւ Հայոց պատրիարքարան գացող եօթներուն դէմ, թուղթ բանադրանաց առած էին (ՊԷՐ. 135), զոր յաղթութեամբ կը տարածէին: Իսկ Հրաւէր սիրոյ տետրակին հրատարակութենէն ետքը, զայն աղաւաղելով եւ այլայլելով, եւ Լուսաւորչի պատկերին վրայ պապի պատկեր մը կպցնելով, բազմութիւնը կը գրգռէին, եւ նոյն իսկ իբր հայադաւան ներկայանալով, հայ ժողովուրդին միտքերը կը շփոթէին եւ սիրտեր կը բորբոքէին: Գրգռութիւնը եւս քան զեւս կը սաստկանար վերջին օծման իւղին օրհնութենէն ետքը. իբր թէ սրբալոյս միւռոնը հասարակ ձէթի վերածուած ըլլար: Գրգռութիւնը իր գագաթնակէտը հասաւ օգոստոս 7 շաբաթ օրը, երբ անունը անծանօթ մնացած Գաղատացի կաթոլիկ մը, մոլեռանդ հայադաւան ձեւանալով եւ Կեսարացիներու եւ անոնց համախոհներու շուկաները պտտելով, ամբոխը գրգռեց թէ պատրիարքն մեր ֆրանկացեալ է, պէտք է անմիջապէս պատրիարքարան դիմել, եւ գործը կարգադրել: Իրօք ալ ամբոխը ժամադրութիւն տուաւ յաջորդ առտուն Գումքաբու հաւաքուիլ: Պատրիարք եւ Պէզճեան եւ Պալեան լուր առին գիշերուան մէջ, երբ արգիլելու այլ եւս ատեն չկար. եւ իրօք կիրակի առտու, օգոստոս 8, Աստուածածնայ բարեկենդան, խառնիճաղանճը կուտեցաւ Մայր եկեղեցին, եւ մեք հայ ենք, ֆրանկ ոչ լինեմք աղաղակով ամէն կողմ կը թնդացնէր: Դիոնեսիոս վարդապետ պատրիարքական փոխանորդ, որ Յակոբի յաջորդած էր 2370), եւ Մարկոս եւ Յակոբ եպիսկոպոսներ, Երուսաղէմի միաբաններէն, ի զուր ջանացին ամբոխը հանդարտեցնել եւ իսկութիւնը բացատրել: Ոչ միայն չլսուեցան, այլ եւ բռնցի վռնտուեցան: Ամբոխը դուռեր խորտակելով պատրիարքարան ալ խուժեց, պատրիարք ձեռքը ձգելու համար, այլ Պօղոս ետեւի պատուհաններէն եւ պարտէզի կողմէն խոյս տուած եւ դրացի տաճիկի մը տունը ապաստանած էր: Դիոնեսիոս փոխանորդ յաջողեցաւ լուր հասցնել եէնիչէրիներուն զօրապետին, որուն հրամանով իբր 500 զօրականներու գունդ մը հասաւ, ամբոխը ցրուեց, քանիներ ձերբակալեց եւ բանտարկեց, պատրիարքարան զինուորական հսկողութեան ներքեւ առաւ, եւ պատրիարքն ալ տեղը բերաւ (ՊԷՐ. 163):

2375. ԱՂՄՈՒԿԻՆ ՇՈՒՐՋԸ

Երկուշաբթի օգոստոս 9, ոստիկանական քննութիւններ սկսան, մանաւանդ որ ոմանք պատրիարքին դէմ կառավարութեան բողոքագիր ալ տուին: Եպարքոսն իմանալով որ բողոքողներ երէկի աղմկարարներէն են, կը հրամայէ ամէնն ալ բանտարկել (ՊԷՐ. 163), եւ տանջանաց ենթարկել որ գլխաւորներուն անունները յայտնեն: Այս կերպով երեք անուններ մէջտեղ կ՚ելլան, Տէլի Պաղտասար Սամաթիացի, Կարապետ սարկաւագ Կեսարացի, եւ շուկաներ պտտող գաղատացին, երկուքը կը ձերբակալուին, իսկ երրորդը իրեն պաշտպան Քօլէճեաններու օգնութեամբ արդէն դէպի Եւրոպա խոյս տուած էր (63 ԺՄՆ. 66): Շաբաթ մը եւ աւելի շարունակեցին հարցաքննութիւնները, թէ շփոթին պատճառն իմանալու, եւ թէ աղմկարարներուն դրդիչները երեւան հանելու համար, զի պարզ կրօնական խնդիրէ մը աւելի, ապստամբութեան գոյն մը կը տեսնէր կառավարութիւնը, մանաւանդ որ օտարի հետեւելու եւ օրինաւոր իշխանութեան դէմ ըմբոստանալու պարագաներ կը խօսուէին: Պաղտասար եւ Կարապետ տանջանքներու ներքեւ, այս ու այն անուններ սկսան տալ, որոնք հետզհետէ բանտարկուեցան: Այս կարգէն եղան Աստուածատուր եպիսկոպոս, Երեմիա եպիսկոպոս, Յակոբ ապխտավաճառ Կեսարացի, Գրիգոր ամիրա Սաքայեան, Ազարիա պատանի` Սաքայեանի ազգականներէն, Մկրտիչ ամիրա Արփիարեան, Աբրահամ ամիրա Գարաքէհեա, Պօղոս ամիրա Կէլկէլեան, եւ Պօղոս աղա Մարգարեան: Փնտռուեցան նաեւ տիրացու Յովհաննէս Պէյքօզցի, եւ Կարապետ Կեսարացի Յակոբի ընկեր, բայց չգտնուեցան: Կիլիկիոյ Կիրակոս կաթողիկոսի անունն ալ տրուեցաւ, որ արդէն մեկնած էր 2360), այլ Նալլուխանէ ետ բերուեցաւ, բայց զինքն արդարացուց եւ արտօնութիւն ստանալով սեպտեմբեր 19-ին կրկին մեկնեցաւ իր աթոռը: Տէլի Պաղտասար եւ Կարապետ սարկաւագ եւ Ազարիա պատանի տանջանաց սաստկութենէն իսլամութիւն ընդունելու եւս հաւանեցան, բայց այդ միջոցով ալ ազատութիւն չգտան, եւ այն ատեն ինքզինքնին ամբաստանեցին իբր գրգռիչ, որ գուցէ տանջանքները կարճուին եւ խնդիրը փակուի: Մեծամեծներէն ալ քանիներ հարցուփորձուեցան, համերաշխութեան խնդիրին, իւղին օրհնութեան եւ Հրաւէր սիրոյ տետրակին վրայօք, որ տաճկերէնի ալ թարգմանուեցաւ, պետութեան հակառակ կէտեր գտնալու յոյսով, բայց այնպիսի հետք մը չտեսնուեցաւ: Պօղոս պատրիարքն ալ, յատուկ հարցաքննութեան կոչուեցաւ օգոստոս 26 հինգշաբթի գիշեր. գլխաւորաբար գործին ընթացքին վրայ, եւ թէ ինչո՞ւ այդպիսի գործի մը գլուխ կանգնեցաւ: Նա իր արդարացման համար յիշեց կայսերական հրովարտակով համերաշխութիւն հրամայուած ըլլալը, եւ գործադրութեան մէջ տէրութեան ծանօթ անձերու խորհրդով վարուած ըլլալը: Իսկ երբ անուններ տալու հրաւիրուեցաւ, Պալեան, Պէզճեան, Փափազեան, Երկանեան եւ Ազնաւորեան ամիրաները յիշեց: Պատրիարքին յանձնարարուեցաւ եւս աղմուկին գրգռիչներ գտնել, եւ փախստականներուն տեղերը իմանալ, ուստի այս միտքով շրջաբերականներ ալ գրուեցան, եւ Դիոնեսիոս փոխանորդ թաղերու մէջ պտոյտներ կատարեց:

2376. ՑԱՒԱԼԻ ՎԱԽՃԱՆ

Հարցաքննութիւններ եւ բանտարկութիւններ եւ տանջանքներ կ՚երկարէին քառասուն օրէ ի վեր, եւ պէտք էր վերջաւորութեան մը յանգիլ: Ընդարձակ եւ հակապետական շարժումի ենթադրութիւնը մէկ կողմ թողուեցաւ, եւ որոշուեցաւ գլխապարտութեամբ պատժել աղմուկին գլխաւորները, եւ աքսորել կամակից կամ պատճառ եղողները, եւ մնացեալները արձակել: Մահուան պատիժները գործադրուեցան սեպտեմբեր 18-ին, Խաչի եօթնեկին շաբաթ օրը, կիրակամուտի երեկոյեան ժամերգութեան ատեն: Գրիգոր ամիրա Սաքայեան, ութսնամեայ ծերունի, որ եօթնօրեայ տանջանաց ներքեւ զամենայն մեղս յանձին իւր կալաւ, որպէսզի բազմութիւն անպարտ անձանց ազատի, Մայր եկեղեցւոյ դրան առջեւ գլխատուեցաւ: Յակոբ Կեսարացի Չէմպէրլիթաշի հրապարակին վրայ գլխատուեցաւ, Կարապետ սարկաւագ եւ Ազարիա պատանին Սուլթան Պայազիտի հրապարակը կախուեցան, Տէլի Պաղտասարն ալ Սամաթիա իր սրճանոցին առջեւ կախուեցաւ: Բոլորին ալ պատժապարտութեան փաստը տանջանաց ներքեւ ըրած խոստովանութիւննին էր: Յաջորդ օրը սեպտեմբեր 19-ին, գործադրուեցան երկու եպիսկոպոսներու եւ ուրիշ 19 բանտարկեալներու ազատ թողուիլը (ՊԷՐ. 169): Սեպտեմբեր 22-ին ճամբայ հանուեցան աքսորի դատապարտուածները, Արշիպեղագոսի զանազան կղզիները երթալու համար: Գացողներն եղան Մկրտիչ Արփիարեան, Պօղոս Կէրկէլեան, Պօղոս Մարգարեան եւ Կարապետ Ազնաւորեան ամիրաները: Աքսորեալներու բախտակից եղաւ Յարութիւն Պէզճեան ալ, որ իր հաշիւները կանոնաւորապէս յանձնելով հոկտեմբեր 3-ին (ՊԷՐ. 461) կամ 10-ին (ՊԷՐ. 170), մեկնեցաւ Իլիմիա կամ Լիմնոս կղզին: Աքսորէ ազատեցան, Աբրահամ Քարաքեհեա` Եգիպտոսի փոխարքային սեղանաւորը, Ճանիկ Փափազեան` եպարքոսին սեղանաւորը եւ Գրիգոր Պալեան` արքունի ճարտարապետ: Իսկ Յովհաննէս Երկանեան իր ազատութիւնը ստացաւ ուրացութեան շնորհիւ: Նկատողութեան արժանի է հռոմէականներէ ոչ մէկուն պատժոյ ենթարկուիլը, զի որչափ ալ մասնակից էին գրգռութիւնը զարթուցանելու, այլ զգուշացած էին օգոստոս 8-ի աղմուկին յայտնապէս մասնակցելէ: Մինչեւ իսկ փողերապետութիւնն ալ իրենցմէ մէկուն, Պօղոս Պիլէղիկճեանի տրուեցաւ: Այն եօթը վարդապետներն ալ որ վեղար առած եւ պատրիարքարանի հնազանդած էին, մէջտեղէն անյայտացան, եւ պատրիարքի հրաւէրին չպատասխանեցին, որ կ՚ուզէր անոնք Էջմիածին եւ Երուսաղէմ եւ Գլակ յղել: Վեցերնին դիմեցին լատին եպիսկոպոսին եւ զղջում յայտնելով եւ ապաշխարութեան ենթարկուելով ներում եւ արձակում ստացան: Իսկ եօթներրորդը, հայր Գրիգոր Գապարաճեան Վենետիկի վանքէն, միաբանութենէն հրաժարելով Փարիզ գնաց, բայց կաթոլիկութիւնը պահեց տեղական լատին իրաւասութեան ներքեւ: Հռոմէականներէն անոնք որ հայ եկեղեցիներ յաճախել սկսած էին, յետս կասեցան, եւ համարձակօրէն լատին եպիսկոպոսին իրաւասութեան ներքեւ մտան: Վերջապէս այսչափ խօսուած եւ փափաքուած համերաշխական ձեռնարկները բոլորովին հակառակ արդիւնք ունեցան, զի առաւել եւս զօրացուցին հռոմէականներուն պատրիարքարանի դէմ ըմբոստութիւնը, եւ աճեցուցին ներքին գժտութիւնը: Կոստանդնուպոլսոյ իրողութիւնները այդ վիճակին մէջ թողլով կ՚անցնինք Էջմիածնի կողմի անցքերը պատմել, բայց նախ կ՚ուզենք փոքր ի շատէ տեղեկութիւն տալ այդ ատեններ հիմնուած երկու հաստատութեանց վրայ, որոնք են Տփղիսի Ներսիսեան դպրոցը, եւ Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանը:

2377. ՆԵՐՍԻՍԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Ներսիսեան դպրոցին գաղափարը կազմողը եւ գործադրութեան դնողը Աշտարակեցին է, ինչպէս հաստատութեան անունն ալ կը մատնանշէ: Ներսէսի սիրտին մէջ շատ հինէն ծագած էր ուսումնական կրթութեան ոյժ տալու փափաքը, քանի կը տեսնէր նուազ կրթութենէն ծագած աղէտները: Նոր Նախիջեւանի յաջորդ եղած ատեն, 1807-ին, փորձեց նոյն տեղ հաստատել Յովհաննէս Լազարեանցի կտակով հիմնուելիք վարժարանը (ՆԵՐ. Ա. 10-24): Երբոր 1808-ին Էջմիածնի մէջ գործերու տիրացաւ, առաջին ձեռնարկներէն մին եղաւ վարժարանի կազմութիւն մը պատրաստել. եւ 32 աշակերտներ ալ հաւաքեց (ՆԵՐ. Ա. 25), բայց հազիւ 1813-ին յաջողեցաւ 50 ժառանգաւոր աշակերտներու համար դպրոց մը շինել, մտադիր ըլլալով մինչեւ 200 աշակերտի համար ընդարձակել, եւ համալսարանի բարձրութեան հասցնել (ՆԵՐ. Ա. 9): Նէրսէսի խորհրդակից Սերովբէ վարդապետ Արարատեան, բնիկ Կարնեցի, Հռոմ ուսած, Լիբանան մնացած եւ Հայաստանեայց Եկեղեցի վերադարձած, որ սակայն կը պնդէր ընդարձակագոյն կեդրոնի, գոնէ Տփղիսի մէջ բանալ կատարեալ վարժարան մը: Այդ մտածմունքին հետեւանքն էր անշուշտ Կարբեցիին Կ. Պոլիս երթալուն առթիւ, այնտեղ վարժարան մը հաստատելու համար տրուած հրահանգը 2338): Բայց վերջապէս տեղւոյ խնդիրը Տփղիսի վրայ որոշում գտաւ, երբոր Ներսէս 1814-ին Տփղիսի առաջնորդ նշանակուեցաւ 2340): Ներսէս փափաքող էր անմիջապէս գործի ձեռնարկել, բայց տեսանք թէ ինչ տեսակ հակառակութեան բաղխեցաւ, մինչեւ որ համաձայնութիւն գոյացաւ 1817-ին (§Ճ 2342-2345): Ասով մէկտեղ 1815-ին փոքրիկ դպրոց մը բացաւ Վանք կոչուած մայրեկեղեցւոյն շրջափակին մէջ, Քէօշկ ըսուած տեղը, եւ շփոթներու մէջ ալ չկասեցաւ անոր զարգացման աշխատելէ: Այս վարժարանին աշակերտներէն են` Խաչատուր Աբովեանց, Ստեփանոս Նազարեանց, Առաքել Արարատեանց եւ ուրիշ յայտնի անուններ (ՆԵՐ. Ա. 36): Ընդարձակագոյն եւ մինչեւ 800 աշակերտի բաւական վարժարան մը կառուցանելու գաղափարին լրջօրէն կրցաւ հետեւիլ 1817-ի հաշտութենէն ետքը 2345), եւ աւելի քաջալերուեցաւ Սարգիս Լօռու Մելիքեանցի 500 ռուբլու նուէրով, եւ Յովհաննէս Լազարեանցի կտակին մէջ` Տփղիս շինուելիք վարժարանին 3000 րուբլի սահմանուած ըլլալը իմանալով (ՆԵՐ. Ա. 40): Շինութեանց ձեռնարկեց 1818 յուլիսին, բայց ուսումնարանէն առաջ ուրիշ ստիպողական պէտքեր կային: Առաջնորդարանը կարի անշուք էր, եւ նոր տիրապետութեան ներքեւ հնար չէր եղածով գոհանալ: Շատ ազգապատկան հողեր աւերակ կը մնային, եւ կառավարութիւնը շինուելնին կը պահանջէր, հողատիրութեան իրաւունքէ զրկման սպառնալիքով եւ եթէ առաջնորդարանը չհամակերպէր, ընդ միշտ պիտի կորցնէր եկեղեցապատկան պարապ տեղերը, որ յետոյ այնքան գին ստացան (ՆԵՐ. Ա. 43): Ուստի առաջին անգամ ձեռք զարնուեցաւ առաջնորդարանին եւ կրպակներուն, որոնք վարժարանի համար հասութաբեր կալուած պիտի դառնային: Վարժարանի հողին նախապատրաստութիւնները սկսան 1821 սեպտեմբեր 16-ին, իսկ հանդիսաւոր հիմնարկէքը կատարուեցաւ 1822 փետրուար 7-ին: Շինութիւնը յառաջ տարուեցաւ ազգայիններու նուէրներով եւ Ներսէսի խնայողական ճարտարութեամբ: Այդ միջոցին, 1822 ամառուան, Ներսէս պարտաւորուեցաւ պահ մը Շուշի երթալ Եփրեմ կաթողիկոսի հոն ապաստանած ատեն, եւ 1823 մարտին կիսաշէն վարժարանին արեւելեան պատերը ճեղքուեցան, ներքեւէն բղխած առատ ջուրերուն պատճառով: Բայց Ներսէս իր բուռն հաստատամտութեամբ գործը առջեւ տարաւ այնչափ, որ 1824 սեպտեմբերին կրցաւ անոր մէջ փոխադրել իր կանուխ հիմնած Քէօշկի վարժարանը, որուն վարիչն էր Ղարապաղցի Պօղոս վարդապետ, նշանաւոր հայկաբան ճանչցուած (ԵՐՑ. Ա. 161): Այդ առթիւ ուսումնական կացութեան ալ աւելի զարկ տալու համար, վարժարանի տեսչութեան կոչեց Յարութիւն Ալամդարեան 28 տարեկան այրի քահանան (ՆԵՐ. Ա. 84), նախադասելով զայն Սերովբէ Արարատեան եւ Յովակիմ Սալլանթեան վարդապետներուն, որոնք հռոմէականութենէ վերադարձած էին, եւ իր տեսութեան ըստ ամենայնի համամիտ չէին (ՆԵՐ. Ա. 38):

2378. ԼԱԶԱՐԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ

Լազարեան ճեմարանին անցնելով, պէտք է յիշենք Լազարեան տոհմին նահապետ Աղազարը, եւ անոր ստացած կարեւոր դիրքը եւ հայութեան բարձրացման համար ունեցած ջանքերը 2193), որոնց աւելի մղում տուաւ իր անդրանիկն ու յաջորդը Յովհաննէս, գործակցութեամբ Յովսէփ Արղութեանի 2195), եւ յաջողեցան մինչեւ պաշտօնական դաշնագիրի մը նիւթ ընել Հայոց ապագան 2200): Դաւիթ-Դանիէլեան խնդիրին մէջ ալ Յովհաննէս Դանիէլի պաշտպանութիւնը ստանձնեց, եւ Եփրեմի օգնեց 2359), զոր իրմէ ետքը իր եղբայրը Մինաս լրացուց 2268), մինչեւ որ Դանիէլ գահակալեց: Յովհաննէս վախճանած էր 1801 հոկտեմբեր 24-ին, 66 տարեկան, բայց նոյն տարին հուպ ի վախճան կենաց իւրոց, կտակած էր երկերիւր հազար րուպլի թղթադրամ, Մոսկուայի մէջ հոյակապ ուսումնարան մը կանգնելու Հայոց համար (ԼԱԶ. Ա. 15): Յովհաննէսի միակ արու զաւակը Յարութիւն, 23 տարեկան վախճանած էր 1791 յունուար 12-ին, Խաչատուր եղբայրն ալ 33 տարեկան վախճանած էր 1774 յունիս 11-ին. Մինաս եղբայրը անզաւակ էր, ուստի իբր ժառանգ եւ կտակարար մնաց կրտսեր եղբայրը Յովակիմ չորս արու զաւակներով, ուստի անոր յանձնեց Յովհաննէս` իր կամքին գործադրութիւնը (ԼԱԶ. Ա. 17): Յովհաննէս որոշեր էր որ 200, 000 րուբլին դրուի ի խորհրդարանն որբախնամից ի մշտնջենաւոր ժամանակս, եւ անոր տոկոսեօք շինեսցի եւ պահպանեսցի ուսումնարան վասն Հայոց: Յովակիմ տեսնելով գումարին անբաւականութիւնը, իրմէ ալ 100, 000 րուբլի աւելցուց, եւ շարունակաբար շահերը գլուխին բարդելով գումարը աճեցուց (ԳՄՐ. 9) եւ միայն 1813-ին վարժարանի շինութեան ձեռնարկեց, իսկ դասատուութիւնները սկսան 1816-ին (ԼԱԶ. Գ. 12): Ուսումնարանը անձնական հաստատութեան դիրքն ունէր իր սկզբնաւորութեան ատեն, որ անկայուն վիճակ մըն էր, եւ Յովակիմ փափաքեցաւ պետական հաստատութեամբ եւ երաշխաւորութեամբ ապահովուած հաստատութեան մը ձեւը տալ իր հիմնարկութեան: Իր առաջին դիմումին մէջ խնդրած էր կոչել զայն Հայկական Լազարեանց Ակադեմիա, սակայն ակադեմիա կոչումը չկրցաւ ընդունուիլ, զի Լազարեանց հաստատութիւնը, ոչ ժողով գիտնականաց ունէր, եւ ոչ վերին աստիճանի գիտութեանց ուսումնարան (ԳՄՐ. 11): Յովակիմ իր տեսութիւնները ամփոփելով 1823-ին առաջարկեց Հայկական Լազարեանց Գիմնազիա բարձր գիտութեանց եւ արեւելեան լեզուաց կոչումը եւ ուսմանց ծրագիրին մէջ յիշեց, Հայոց, Արաբացւոց, Պարսից եւ Տաճկաց գրականութիւնները, եւ ցուցուց միանգամայն զկարգեալ վասն նորա եկամուտս (ԳՄՐ. 11-13): Հաստատութեան պաշտօնական դիրքն ալ քննուելով լաւագոյն տեսնուեցաւ անմիջական կերպով դնել ընդ վերատեսչութեամբ առանձինն իշխանապետի, քան թէ ուղղակի նախարարութեան ազգային լուսաւորութեան ներքեւ դնել, կամ յանձնել Համալսարանին Մոսկովու, որ է Մոսկուայի (ԳՄՐ. 15): Պէտք եղած բանակցութիւնք շարունակեցին 1824 տարւոյն մէջ, եւ իբր իշխանապետ առաջարկուեցաւ Լազարեանց կողմէն, թնդանօթաձիգներու զօրագլուխ կոմս Աղեքսանդր Արակչիյէվ, եւ կայսեր համաձայնութեան վրայ կոմսը իր հաւանութիւնը տուաւ 1825 յունուար 17-ին (ԳՄՐ. 2), եւ կայսերական հրովարտակն ալ ստացուեցաւ յունիս 30-ին (ԳՄՐ. 12): Այսպէս Լազարեանց հաստատութիւնը պետական ուսումնարաններու կարգը դասուեցաւ Լազարեան ճեմարան արեւելեան լեզուաց անունի ներքեւ: Յովակիմ Լազարեան, որ ճեմարանին համար արդեամբ եւ աշխատութեամբ եւ հոգածութեամբ բուն հիմնադիրը պէտք է նկատուի, արդէն ալեւորեալ տարիքը հասած էր, երբ վերոյիշեալ հետապնդումները կը կատարէր, անոնց լրանալուն մխիթարութիւնն ալ ունեցաւ, բայց քիչ ետքը վախճանեցաւ 1826 յունուար 24-ին, 83 տարեկան եւ ճեմարանին հոգաբարձութիւնը ստանձնեց իր անդրանիկը` Յովհաննէս Յովակիմեան Լազարեան: Շատ չանցաւ, ճեմարանին իշխանապետն ալ փոխուեցաւ, եւ Արակչիյէվի մեռնելովը անոր յաջորդեց Հեծելազօրաց զօրագլուխ կոմս Աղեքսանդր Բենկենտօրֆ, 1828 մարտին (ԳՄՐ. 19) պայմանով որ ճեմարանն այն մի' արտաքսեսցի յընդհանրական վերադիտողութենէ նախարարութեանն ազգային Լուսաւորութեան (ԳՄՐ. 65):

2379. ՆԵՐՔԻՆ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆ

Լազարեան հիմնադիրներ, Յովհաննէս կտակող եւ Յովակիմ կտակակատար, նպատակ ունէին միայն հայազգի տղայոց կրթութիւնը քաջալերել, եւ անոնք հասցնել այն բարձրութեան, զոր Ռուսաց պետական վարժարանները կու տային թէ պաշտօնէութեան եւ թէ առեւտուրի պատրաստուող երիտասարդութեան: Ըստ այսմ հայ եւ ռուս լեզուները եւ ընդհանուր զարգացման առարկաները պիտի կազմէին վարժարանին ծրագիրը: Առ այս կը ձգտէին Լազարեանց փափաքները, երբոր Հայկական Լազարեանց ակադեմիա, կամ Հայկական Լազարեանց գիմնազիա բարձր գիտութեանց եւ արեւելեան լեզուաց անունները կ՚առաջարկէին իրենց հաստատութեան (ԳՄՐ. 11): Բայց երբ պետական հովանաւորութեան գաղափարը զօրացաւ, պէտք եղաւ պետական օրէնքներու պահանջներուն ալ համակերպիլ, որով գիտութեանց ճիւղը չյիշուեցաւ, եւ հաստատութիւնը կոչուեցաւ Հայոց Լազարեան ճեմարան արեւելեան լեզուաց (ԳՄՐ. 115): Ճեմարան անունը ռուսերէնի մէջ Institut բառով բացատրուած է, որ պարզապէս հաստատութիւն կը նշանակէ, իսկ ուսումնարանին բնութիւնը պարզ ազգային հայկական ըլլալէ աւելի, միջազգային կերպարան առաւ, զի զհայազգի եւ զօտարազգի մանկունս հաւասարապէս ընդունելու պայմանը դրուեցաւ: Ծրագիրին մէջ յիշուեցաւ արեւելեան լեզուներէն` հայերէն, արաբերէն, պարսկերէն, տաճկերէն, վրացերէն եւ թաթարերէն (ԼԱԶ. Գ. 19), եւ եւրոպականներէն` ռուսերէն, գաղղիերէն եւ գերմաներէն (ԳՄՐ. 130): Իսկ ընդհանուր ուսմանց ծրագիրը սահմանուեցաւ հաւասար համալսարանէն ետքը եղող երկրորդ դասակարգութեան ուսումնարաններուն, որոնց կարգին արձանագրուեցաւ Արեւելեան Ինսդիտուդն Լազարեանց (ԳՄՐ. 43): Առանձինն ճիւղ կամ բաշխ մըն ալ աւելցուեցաւ տարիներ ետքը, եկեղեցականութեան նուիրուելիք աշակերտաց համար: Առ այս Էջմիածնի Սինոդը յատուկ կանոնագիր մը պատրաստեց 1839 յուլիս 21-ին (ԼԱԶ. Գ. 65-70), որ պետական քննութիւններէ անցնելէ ետքը նախարարական հաստատութիւն եւ կայսերական վաւերացում ստացաւ 1841 յունուար 31-ին (ԼԱԶ. Գ. 73-76):

2380. ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՇԱԿԵՐՏՔ

Լազարեան Ճեմարանին վարչութիւնը, որչափ ալ ընդհանուր կերպով հանրային կրթութեան նախարարին ենթարկեալ, բայց անմիջական կերպով առանձինն պետ մը ունի, ինչպէս յիշուեցաւ 2378), իշխանապետ անունով, որ կը կատարէ ինչ որ ուրիշ ուսումնարաններու վրայ կը կատարէ նախարարը: Անկէ ետքը կու գայ հոգաբարձուն վերին հսկող մը Ճեմարանին բարգաւաճման եւ խնդիրները վճռող, որ ունի իրեն օգնական-հոգաբարձու մը: Երկուքն ալ Լազարեանց տոհմէն պիտի ըլլան, իսկ եթէ նոյն տոհմին մէջ պաշտօնի պահանջած պայմանները ունեցող չգտնուի, պատուանունը կը մնայ Լազարեանին, իսկ գործին վարչութիւնը կը յանձնուի կարող տեղակալի: Ճեմարանի անմիջական եւ լիակատար կարգաւորիչն է կառավարիչը, եւ անոր օգնականն է վերատեսուչը, որուն պաշտօնը կը համեմատի ներքին տեսուչի: Խորհրդարան մըն ալ կայ, կառավարիչէ, վերատեսուչէ, ուսուցչապետներէ, եւ վարժապետներէ բաղկացած, զոր մենք կրնանք ուսուցչական ժողով ըսել, նաեւ կառավարութիւն մըն ալ, կառավարիչէ, վերատեսուչէ, մէկ ուսուցչապետէ, եւ երեք մոսկուաբնակ ազգայիններէ բաղկացած, որ տիրապէս տնտեսական խորհուրդ մըն է (ԼԱԶ. Գ. 14-17): Աշակերտներու թիւը որ առաջ հարիւր էր (ԳՄՐ. 131), 140-ի բարձրացած է 1852-ին, որոնց կէսը թոշակաւոր, իսկ միւս կէսը ձրիավարժ. կամ լաւ եւս բարերարներու սաներ. այսինքն 18 պետական սաներ ծախիւք արքունի գանձատան, 14-ը Կովկասցի ըլլալու պայմանով, 30 Լազարեան սաներ` անոնց հաստատած եկամուտներուն հաշւոյն, 2 Գասպարեան սաներ, 2 Մնացականեան սաներ եւ 20 եկեղեցական սաներ` Պետրբուրգի եւ Մոսկուայի հայ եկեղեցիներուն հաշուոյն (ԼԱԶ. Գ. 17): Ձրիավարժ սաներու համար նախադասութիւն կը տրուի քահանայից եւ պաշտօնէից զաւակներուն: Ճեմարանին վարչութիւնն ու մատակարարութիւնը, ուսուցչութիւնը եւ աշակերտութիւնը, ընդարձակ եւ մանրամասնեալ կերպով կազմակերպուած են 1830-ին կարգադրութեան, այսինքն կանոնագիրին մէջ, որ ռուսերէն, հայերէն, գաղղիերէն եւ գերմաներէն լեզուներով հրատարակուած է (ԳՄՐ. 115), եւ յետոյ աւելի լիակատար կերպով կրկնուած է 1852-ին (ԼԱԶ. Գ. 13), զոր յիշատակել բաւական կը սեպենք, զի վարժարաններու ընդհանուր կազմակերպութիւններ քիչ տարբերութեամբ իրարու կը նմանին:

2381. ՄԻՔԱՅԷԼ ՍԱԼԼԱՆԹԵԱՆ

Լազարեան Ճեմարանի վերաբերեալ տեղեկութիւնները լրացնելու համար, պէտք է յիշատակել Սալլանթեան եպիսկոպոսին անունը, որ աշխատաւոր եւ երախտաւորն եղաւ Ճեմարանի ուսումնական, եւ յատկապէս հայ գրականական յառաջդիմութեան: Սալլանթեան Լիբանանի մէջ հաստատուած Անտոնեան միաբանութենէն էր 1939), ձեռնադրութենէ առաջ Մարկոս, եւ ձեռնադրութենէ ետքը Յովակիմ անունով կոչուած. ուշիմ եւ ուսումնասէր ըլլալով` լեզուագէտ եւ գիտնական անձ մը ճանչցուած էր, եւ գրական արդիւնքներն ալ կը գտնուին տակաւին Անտոնեանց դիւանին մէջ: Այդ տեսութեամբ ղրկուեցաւ Խրիմ գտնուող հայ կաթոլիկներու հովուութեան. Կովկաս ալ անցաւ, ուր ազգային գործունէութեան նոր հորիզոն մը բացուած գտաւ իր առջեւ: Տփղիս կը գտնուէր 1815-ին երբ Ներսէս կ՚ուզէր իր վարժարանին կարող գործիչներ ունենալ: Սալլանթեանի աչքին տկար երեւցան Ներսէսի միջոցները, եւ աչքը սեւեռեց Լազարեան հաստատութեան, որուն միջոցները առատ էին (ԵՐՑ. Ա. 158): Տփղիսէ Մոզդոկ գալով մասնաւոր նամակով մը իր միտքը կը յայտնէ Յովակիմ Լազարեանի, որ վստահ ըլլալու համար կ՚ուզէ պաշտօնական միջոցներով անոր միտքը իմանալ. սակայն այս կերպով իր գաղտնի միտքը երեւան եկաւ, եւ Մոզդոկցի կաթոլիկներ զինքն կը մեղադրեն թէ կ՚երթայ կրթել զմանկունս ազգին որ ի մէնջ զատեալ, եւ Սալլանթեան կը ստիպուի իրեն եղած հարցումին բացասաբար պատասխանել թէ ոչ կամիմք գնալ: Սակայն ձեռքի տակէն 1816 յունուար 21-ին գրուած չափաւ նամակ մը կը հասցնէ Լազարեանին, թէ ստիպեալ ասանկ պատասխանեց, թէ ոչ մտադիր է յետ աւուրց տասանց եւ հնգից անպատճառ ելանել աստի (ԼԱԶ. Գ. 121), ինչպէս ալ կը տեսնանք որ յունիս 15-ին Մոսկուա կը գտնուի (ԼԱԶ. Գ. 126), եւ կը գրէ Յովակիմ իշխանի, անոր պարագաները տեսած եւ զմայլած ըլլալը, հակառակ որ արք որոմնացանք, ազգի ազգի թիւնալից բանիւք, կարի յոյժ այլազգ բաներ պատմեր էին իրեն անոնց վրայ (ԼԱԶ. Գ. 125): Սալլանթեան այդ նամակներուն ներքեւ կը ստորագրէ, նուաստ հայր Յովակիմ վարդապետ եւ կանոնական կրօնաւոր ի կարգէ սրբոյն Անտովնի աբբայի, ի միաբանութենէ հարցն լերինն Լիբանանու (ԼԱԶ. Գ. 123), սակայն քիչ ետքը Լազարեանց միջնորդութեամբ Եփրեմ կաթողիկոսէ հայ եկեղեցւոյ վեղարը կ՚առնէ, եւ Յովակիմ անունն ալ փոխելով Միքայէլ կը կոչուի (ՆԵՐ. 38): Այնուհետեւ Սալլանթեանի կեանքը գրեթէ ամբողջապէս Լազարեան Ճեմարանի հետ կապուած մնաց իբրեւ հայկաբան եւ կրօնագէտ ուսուցիչ, նոյնիսկ եպիսկոպոսութեան բարձրանալէն ետքն ալ: Սակայն աւելի ընդարձակ միտքեր ալ ունեցած է, եւ նորահաս եկեղեցականներ յորդորած է ուսման եւ գրականութեան նուիրուած միաբանութիւն մը կազմել, ինչպէս Վենետիկի Մխիթարեաններն են, որուն ինքն Սալլանթեան աբբահայրը պիտի լինէր (ՍԵՏ. 27): Բայց Էջմիածնի կողմէն կասկածով նայուեցաւ այդ միտքին վրայ, նկատելով որ օտարազգիներից եւս նպաստներ են ստանալու, որով գործադրութեան իսկ չէ ձեռնարկուած: Այդ խորհուրդները տեղի ունեցած են 1830-է 1832 տարիներու միջոցին (ՍԵՏ. 28):

2382. ԵՐՄՈԼՈՎ ԵՒ ՊԱՐՍԻԿՆԵՐ

Կոստանդնուպոլսոյ անցուդարձերուն շարքը չընդհատելու համար, պարտաւորուեցանք պահ մը աչքէ վրիպեցնել Էջմիածնի կողմին եղելութիւնները, զորս թողուցինք 1817 թուին, երբ Տփղիսի մէջ առաջնորդ Ներսէսի եւ հակառակորդներու գլուխ Դարչիի միջեւ հաշտութիւն գոյացաւ 2345): Եթէ առաջ Ներսիսեան եւ Լազարեան ուսումնական հաստատութիւններու մասին տեղեկութիւն տուինք, անոնք անկախ գործեր էին, որ ընդհանուր իրողութեանց հետ կապ չունէին: Այս վերջիններուն մտնելով` նախ պիտի յիշենք նոր կուսակալ Ալեքս Երմոլովի անունը 2345), որ ազդուապէս ներգործած էր Ներսէսի դէմ հակառակութիւնը զսպելու, եւ զայն քաջալերած էր համարձակ վարել պաշտօնը եւ բարեկարգել իր թեմը, յաւելլով միանգամայն թէ ըմբոստները նուաճելը իմ պարտքս լինի (ԵՐՑ. Ա. 176): Երմոլով ռուսացած թաթար ցեղէ սերած, վիթխարի մարմնով, սարսափելի դէմքով, թանձր ունքերով, փայլուն ու սուր աչքերով, ահուդող ազդող կերպարան մըն էր, հակառակ իր բարի եւ մարդասէր բնաւորութեան (ԵՐՑ. Ա. 175), եւ երկուքովն ալ ազդած էր Տփղիսի հայութեան խնդիրները փակելու: Նա պաշտօն ունէր դեսպանութեամբ Պարսից արքունիք ալ երթալ, երկու տէրութեանց յարաբերութիւնները կարգադրելու: Ներսէս օգուտ քաղեց պարագայէն Երմոլովը համոզելու որ Էջմիածին ալ հանդիպի կացութիւնը մօտէն զննելու համար, եւ շատ կէտեր ալ ինքն կանխաւ բացատրեց, Մայրաթոռին ալ լուր տուաւ պարտ ու պատշաճն ընելու: Երմոլով Էջմիածին հասաւ 1817 մայիս 1-ին, երեքշաբթի երեկոյ, իր հետեւորդ պաշտօնեաներով, որոնց մէջ հինգ ալ հայազգիներ կային: Չորեքշաբթի տաճարն իջաւ, եւ կացութեան վրայ տեղեկութիւններ քաղեց. եւ հինգշաբթի, 3 մայիս Համբարձման տօնին, կաթողիկոսական պատարագին ներկայ եղաւ, եւ նոյն օր Երեւան վերադարձաւ, եւ անտի Թաւրիզ ու Թեհրան ուղեւորեցաւ: Կաթողիկոսն ու միաբանութիւնը ամէն հնարաւոր պատուասիրութիւն շռայլեցին, զգուշանալով միանգամայն տիրող պարսիկ կառավարութեան կասկածները չարթնցնել (ԵՐՑ. Ա. 177-180): Երմոլովի դեսպանութիւնը յաջող ելք չունեցաւ, եւ ունայնաձեռն դարձաւ Տփղիս, հոկտեմբերի սկիզբը: Էջմիածնի ակնկալութիւններն ալ պարապի ելան, մանաւանդ թէ Պարսիկները քաջալերուեցան իրենց հարստահարութիւնները ընդարձակել, մինչեւ իսկ վեց արքեպիսկոպոսներ եւ քանի մը Վաղարշապատցի գլխաւորներ սենեկի մը մէջ փակելով, դուռ ու պատուհան հիւսել տուին, մինչեւ որ հազար ոսկւոյ փրկանքը ապահովեն (ԵՐՑ. Ա. 181): Հայոց նեղութիւնները օրէ օր կը ծանրանային, մինչ Ռուսիոյ ալ հաճելի էր Հայոց պաշտպանութեամբ իր երկրակալութիւնը ընդարձակել, սակայն եւրոպական պատերազմներէ յոգնած եւ նուաղած էր երկիրը, եւ խաղաղասէր քաղաքականութեան ցանկացող դարձած էր կայսրն Աղեքսանդր Ա. եւ Պարսիկներ այդ ուղղութենէն կ՚օգտուէին իրենց խրոխտանքը աւելցնել, եւ մինչեւ իսկ Ռուսներու գրաւած գաւառները, Ղարաբաղն ու Լինքերանը ետ պահանջել (ԵՐՑ. Ա. 182):

2383. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՏԱԳՆԱՊԸ

Պարսկական հարստահարութեանց պարագաները գրեթէ բոլոր դրամ շորթելու շուրջ կը դառնային, եւ ամէն դժուարութիւն եւ բարուրանք դրամական վճարմամբ կը հարթուէր: Անտեղի առաջարկներու դիմաց` պարտքի մուրհակն ալ կ՚ընդունուէր, որ ետքէն խստիւ պահանջումներու հիմ կը դառնար: Պաշտօնեաներու եւ միջնորդներու զիջողութիւնն ալ առատ ընծաներով կը գնուէր, որոնք ի չգոյէ պատրաստ դրամի փոխառութեամբ կը հայթայթուէին, եւ այս կերպով Մայրաթոռոյ պարտքը հետզհետէ կ՚աճէր, եւ 184, 000 արծաթ րուբլու գումարի հասած էր (ՄՍՐ. 82), որ է իբր 36, 800 օսմանեան ոսկի, մէջն ըլլալով վաշխ ի վաշխից վերայ բարդումները: Այդ մասին զշռայլ բարս Եփրեմի մեղադրողներն ալ կան, թէ կը սիրէր առատաձեռն երեւնալ եւ գովողներ շահիլ, եւ թէ ձեռնբացութեամբ կը գործէր (ՄՍՐ. 83): Սակայն Եփրեմի բնաւորութիւնը մօտէն ուսումնասիրելով, յարմարագոյն կը սեպենք, աւելի ստիպողական պահանջներու առջեւ կքում մը տեսնալ Եփրեմի վրայ, քան ունայնամիտ շռայլութիւն: Ապպաս Միրզա արքայորդին, որ Հայաստանի փոխարքան էր, բացարձակ տէրն էր երկրին, եւ անոր հովանաւորութեան ներքեւ, ազատ բռնաւոր մըն ալ Հիւսէյին-Ղուլի խանն էր, Երեւանի սարտարը կամ կուսակալը, որուն քոյրը Ֆէթհալի շահին կիներէն էր, եւ որդին ալ Ապպաս Միրզայի փեսան էր (ԵՐՑ. Ա. 184): Հիւսէյինի համար ամէն դիպուած նոր կեղեքումի պատրուակ էր: Նշանաւոր պարսիկ վաճառական մը պարտքերէն ազատելու համար Երեւանէ կ՚անհետանայ: Սարտարը պատրուակելով թէ պարսիկը Ռուսիա փախած ըլլայ, Եփրեմի վրայ ճնշում կը բանեցնէ, որ կամ զայն Ռուսիայէ բերել տայ, եւ կամ անոր պարտքերը վճարէ: Հայ հարուստներու անուններ տալով, կաթողիկոսը կը ստիպէր որ անոնցմէ գումարներ բերել տայ: Նոյնիսկ կը հրամայէր որ ամէն կողմ նուիրակներ հանէ, եւ առ այս նուիրակցու միաբաններէ ալ կը հրապուրուէր, զի յայտնի էր թէ յանուն Էջմիածնի ժողոված գումարի մի մասը սովորաբար անցնում էր նուիրակի քսակը: Մինչեւ իսկ լսուած էր թէ նոյն ինքն Յովհաննէս Կարբեցի, աւագ լուսարար եւ գործող սինոդական, 500 թուման կաշառք է խոստացել սարտարին, եթէ յաջողէր զինքն Գանձակ եւ Արցախ նուիրակ յղել տալ (ԵՐՑ. Ա. 185): Զաքարիա Գուլասպեան ալ 2346) նոյն կերպով Վրաստանի նուիրակութեան ետեւէ էր, բայց երկուքն ալ Ներսէսի դիմադրութեան հանդիպելով ձախողեցան, քանի որ անոր վիճակին մէջ պիտի շրջէին: Վերջապէս Յովհաննէս Կարբեցին եւ Ստեփանոս Ենովքեան եւ երրորդ մը, 1820 ամառուան ճամբայ ելան Կ. Պոլսոյ, եւ Զմիւռնիոյ եւ Ռումելիոյ նուիրակութեանց վրայ, սակայն Կ. Պոլիսէ երեք ժամուան ճամբայ հեռու լսեցին այն տեղ հանդիպած աղմուկներն ու աքսորներու դատապարտութիւնները 2371-2373), եւ խոհեմութիւն սեպեցին չյառաջանալ եւ ետ դառնալ (ԵՐՑ. Ա. 186): Պարտքերու ծանրութիւնը թեթեւցնելու համար արքայորդւոյն դիմելու խորհուրդը մտածուեցաւ, եւ Սարգիս վարդապետ Թաւրիզ յղուեցաւ առատ ընծաներով, բայց Էջմիածին մի թեթեւութիւն չեղաւ: Գուլասպեան ալ նոյն ինքն շահին դիմելու գաղափարը առաջարկեց, եւ 1821 յունիսին ուղեւորեցաւ դէպի Թեհրան, իրեն հետ տանելով երկու պարսիկ պարտատէրներ, որոնք իրենց բազմաթիւ ծառաներով վանքին մէջ նստած էին, եւ առանց պահանջնին գանձելու մեկնիլ չէին ուզեր: Գուլասպեան ալ ունայնաձեռն դարձաւ, եւ այս անգամ Շուշի բնակող մեծահարուստ Թառամեան Զոհրաբ եւ Մարկոս եղբայրներու դիմում ընելու համար ճամբայ հանուեցաւ Յովհաննէս գրագիր եպիսկոպոսը հանրագրեալ աղաչանքով, բայց այս փորձն ալ ապարդիւն մնաց (ԵՐՑ. Ա. 188):

2384. ԵՓՐԵՄ Ի ՇՈՒՇԻ

Դրամ ճարելու եւ պարտք վճարելու համար Հիւսէյին խորհուրդ տուաւ կաթողիկոսին, անձամբ դիմել ռուսական պետութեան ներքեւ գտնուող Արցախի եւ Վրաստանի հայ հարուստներուն, որուն շուտով հաւանեցաւ Եփրեմ, զի գոնէ Էջմիածնի տաղտուկ կացութենէն կ՚ազատէր, եւ 1821 սեպտեմբերի կէսին Էջմիածինէ մեկնեցաւ Հին Նախիջեւանի վրայով Արցախ մտնելու: Մայրաթոռին վարչութիւնը մնաց սինոդին ձեռք, որուն անդամները 1819 փետրուարի կանոնագրութեամբ տասնեւմէկի վերածուած էին (ԴԻՒ. Բ. 236-241): Կաթողիկոսին ուղեկից էին, Մարտիրոս տեղապահ, Անտոն Մուղնեցի, Գրիգոր Ծուկալ, եւ Յովհաննէս գրագիր եպիսկոպոսները, եւ Յովսէփ Կարբեցի գանձապետ, Գրիգոր Աշտարակեցի կոնդակագիր, Յովհաննէս Ղրիմեցի ատենադպիր, Սահակ ծաղկարար, եւ Մինաս բժիշկ վարդապետներ, եւ սարկաւագներ եւ դպիրներ եւ սպասաւորներ, որոնց մէջ յիշատակուելու արժանի են, Թադէոս Բէգնազարեան սարկաւագ, եւ Մեսրոպ Թաղիադեանց դպիր, (ԵՐՑ. Ա. 189, ՄՍՐ. 84) որ ուրարակրութեան հրաման ստացաւ Եփրեմէն Նախիջեւանի մէջ, եւ անոր մօտ մնաց կոնդակներ գրելու (ԹԱՂ. 66): Դեռ Պարսից սահմանին մէջ էր ուղեւոր կարաւանը, երբ հոկտեմբեր 2-ին լուր հասաւ, թէ Հիւսէյին զղջացած է կաթողիկոսը հեռացնելուն, եւ հեծեալներու գունդ մը ճամբայ հանած է վերադարձնելու համար: Կաթողիկոսը սկսեր էր կամաւոր նուէրներով շօշափելի գումար կազմել, բայց առած լուրին օրն իսկ շտապեց ռուսական սահմանագլուխը անցնիլ զանց չընելով օրուան ժամերգութիւնն ալ կատարել ձիերու վրայ քալած ատեն, եւ սաստիկ ձիւնին ներքեւ: Հակառակ ամէն շտապի ուղեւորներ չկրցան նոյն օր ռուսական երկիր մտնել եւ ստիպուեցան այն գիշերը մնալ ճանապարհին վրայ եղած քարաժայռների մի այրում (ԵՐՑ. Ա. 191), ոչ շատ հեռի Սիւնեաց Ծղուկ գաւառի Բռնակոթ աւանէն, որ առաջին կայանն էր ռուսական հողին վրայ: Լուրը հասաւ Բռնակոթ, եւ գիշերանց գիւղացիներ դուրս ելան կապերտներով եւ պատրաստութիւններով, որպէսզի արեւ չծագած եւ ձիւնը չհալած, դիւրաւ մտցնեն կաթողիկոսական կարաւանը իրենց գիւղը: Եփրեմ անմիջապէս սկսաւ շրջակայ գիւղեր այցելել եւ նուէր հաւաքել, որոնց յօժարակամ կը մասնակցէին ամէն դասակարգեր, լսելով Մայրաթոռոյ տագնապալի կացութիւնը: Տաթեւի մէջ լուր տրուեցաւ Եփրեմի տեղական իշխանութենէն այլեւս չյառաջել մինչեւ որ Երմոլովէն արտօնութիւն ստացուի. բայց Երմոլով լեռնականներու դէմ պատերազմի էր գացած, եւ Վելիամինով կը տեղակալէր: Ներսէս անոր դիմեց որ ծերունի կաթողիկոսը գոնէ մինչեւ Շուշի գալու, եւ ձմերան ցուրտէն ազատելու, եւ հոն հանգստանալու արտօնուի. եւ ըստ այսմ Եփրեմ կրցաւ Հալիձորէ եւ Կէօրէսէ անցնելով Շուշի մտնել 1821 նոյեմբերի վերջերը, եւ իջեւանիլ Հայրումեանց տունը, նախադասելով զայն Թառամեանց եւ Հախումեանց տուներու, որոնք աւելի մեծահարուստ էին, բայց հանրութեան գործերուն մէջ աւելի համբաւ չունէին:

2385. ՆԵՐՍԷՍԻ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԻՒՆԸ

Եփրեմ Շուշի մնաց, բայց ներքին հանգստութիւն չգտաւ, զի ամէն կողմէն սրտմաշուք լուրեր կը հասնէին: Էջմիածնի կացութիւնը օրէ ցօր վատթարանում էր, զի Հիւսէյին սարտար միաբանութիւնը պատասխանատու կը նկատէր կաթողիկոսին հեռանալուն, եւ անտեղի եւ կեղեքիչ պահանջներ կը շատցնէր: Միաբանութիւնն ալ անել դրութեան մատնուած կաթողիկոսին կը թախանձէր դարմանի կերպ մը հոգալ: Ինքն Եփրեմ առժամապէս Շուշի մնալու արտօնուած էր, պայմանաւ որ ոչինչ գործի ձեռնամուխ չլինի, որով ապարդիւն կ՚անցնէին իր օրերը: Երմոլով դեռ կ՚ուշանար Տփղիս դառնալ, եւ Վելիամինով չէր համարձակեր կատարեալ արտօնութիւն տալ կաթողիկոսին: Եփրեմ շփոթած եւ շուարած Ներսէսին կը գրէր իրեն մօտ գալ խորհրդակցելու համար, բայց Ներսէս կը յապաղէր, զի վարժարանի հիմնարկութեան գործերուն տուած էր իր բոլոր ուշադրութիւնը 2374): Քիչ մըն ալ ցաւած էր, զի կը սպասէր որ կաթողիկոսը առաջ իրեն լուր տուած ըլլար, որպէսզի նախահոգ պատրաստութիւնները կատարուած ըլլային: Բայց աստի ընդհանուր կացութիւնը ձգտեալ էր, եւ Շուշիի մէջ կարգադրելու գործ չկար, եւ ինչ որ պիտի գործուէր, Տփղիսի մէջ պիտի կատարուէր Երմոլովի հետ տեսակցութեամբ, որուն օրէ օր կը սպասուէր, եւ պէտք չէր որ Ներսէս քաղաքէն հեռանար: Մանաւանդ որ Ներսէս ինքն սկսած էր իր միջնորդութիւնը Երմոլովի մօտ (ԵՐՑ. Ա. 193): Վերջապէս Երմոլով հասաւ 1822 յունուարի երկրորդ կիսուն, եւ բացարձակ կերպով անբաւականութիւն յայտնեց Եփրեմի ռուսական սահմանները անցնելուն եւ հոն մնալուն, պնդելով թէ Պարսից դէմ ցոյց մըն է եղածը, եւ ռուսական կառավարութիւնը զայն պաշտպանելով, առիթ տուած պիտի ըլլայ պատերազմ բանալու, որին շատ դէմ է խաղաղասէր կայսրը, եւ պիտի ոչնչանան Պարսից հետ հաշտ ապրելու իրեն կատարած ջանքերը: Ներսէս ընդհակառակն դիտել կուտար, թէ Եփրեմը դառնալու ստիպելը, զայն անխնայ բարբարոս սարտարի ձեռքը մատնել կ՚ըլլայ: Սակայն Երմոլով կը յամառէր իր միտքին վրայ, եւ յունուար 30-ին ուղղակի Եփրեմին ալ կը գրէր Էջմիածին դառնալ, որով Ռուսիան տագնապէ ազատած, եւ Պարսից ալ հաւատարմութիւն յայտնելով կաթողիկոսական դրութիւնը բարւոքած կըլլայ (ԵՐՑ. Ա. 194):

2386. ԵՓՐԵՄ ՈՒ ՊԱՐՏՔԵՐ

Եփրեմ չէր կրնար Երմոլովի առաջարկին համակերպիլ, ուստի փետրուար 13-ին պատասխանեց յառաջ բերելով այն ամէն պատճառները որ զինքն ստիպեցին Ռուսիա ապաւինիլ, եւ Էջմիածնէ չմեկնած արտօնութիւն խնդրելը արգիլեցին, աւելցնելով նաեւ այն վտանգները, որոնց կ՚ենթարկուէր ետ դառնալով, ուստի կը խնդրէր որ կամ իրեն հրաման տրուի Տփղիս երթալ եւ բերանացի խորհրդակցիլ, կամ Ներսէս արտօնուի իրեն գալ: Նամակը կը յանձնէր Սիմէոն եպիսկոպոսի, որ Էջմիածինէ նոր հասած էր, որպէսզի այնտեղի հանգամանքների մասին բերանացի ծանուցանէ (ԵՐՑ. Ա. 196): Երմոլով իր համոզումէն չփոխուեցաւ, եւ մարտ 24-ին նոր նամակով կրկին ստիպեց Եփրեմը Էջմիածին վերադառնալ, եւ եթէ կաթողիկոսութենէ հրաժարիլ ալ կը մտածէ, Էջմիածինի մէջ գործադրէ այդ խորհուրդը: Իսկ Ներսէսի Շուշի երթալուն պարագան, նոյն ինքն Ներսէսի կամքին կը թողուր, ոչ երթալը արգիլելով, եւ ոչ երթալու ստիպելով: Օր առաջ մարտ 12-ին գործը կոմս Նեսսելրօտէ նախարարին ալ հաղորդած էր, որ կայսեր կամքը հարցուի, եւ նախարարն ալ ապրիլ 12-ին կը պատասխանէր թէ կայսեր կամքով եւ իր կարծիքով` պէտք չէ որ Երմոլով կաթողիկոսին վերաբերութեամբ իր ընթացքը փոխէ (ԵՐՑ. Ա. 201): Եփրեմի վիճակը հետզհետէ կը ծանրանար Ռուսաց դիմադրութեամբը. հրաժարելու խօսքն իսկ, զոր Երմոլով իր նամակին մէջ յիշած էր, ծանր կու գար դուրսէն թելադրուելուն համար, որչափ ալ ինքը շատ կանուխէն այդ միտքը ունեցած ըլլար 2335): Իբրեւ վերջին միջոց, Տփղիս ղրկեց Մուղնեցի Անտոն արքեպիսկոպոսը եւ Ղրիմեցի Յովհաննէս վարդապետը, որ հարկաւ Ներսէսը Շուշի առաջնորդեն: Ներսէս ստիպուեցաւ եւ մայիսի սկիզբը հրաւիրակներու հետ Տփղիսէ մեկնեցաւ, եւ Շուշի հասնելով Թառամեանց ապարանքը իջաւ (ԵՐՑ. Ա. 203): Յուզիչ միջադէպ մը տեղի ունեցաւ այդ միջոցին: Յիշած ենք Էջմիածինի պարտքերուն համար Թառամեաններու եղած ապարդիւն դիմումը 2383), բայց Թառամեանց տրամադրութիւնը փոխուած էր Եփրեմի Շուշի հասնելէն ետքը. եւ յատկապէս Մարկոսի կողմէ, որ ոտնուռուցի անբուժելի ախտով կը տառապէր, եւ հաւաներ էր Եփրեմի մուրհակի հաշուոյն խնդրած 4000 ոսկին նուիրել: Երբոր Ներսէս հասաւ Մարկոս մերձ ի մահ էր, եւ իր հարստութիւնը օգուտ մը չունէր: Երկու տոպրակ ոսկի բերել կու տայ, Էջմիածինի եւ ուրիշներու մուրհակներն ալ մէկտեղ, եւ ուռուցեալ ոտքը անոնց վրայ դնելով, կը հառաչէ. Անպիտան գիրդ, ապաքինեա եթէ կարող ինչ իցես, դու չաստուած մոլորութեան աշխարհի: Ոչ, ոչ, այս ամենայն արտաքոյ է մտացածին զօրութեան քո: Եւ Աստուծոյ իմոյ օրհնեալ եղիցին կամք: Էջմիածինի մուրհակը սկտեղի վրայ կաթողիկոսին կը դարձնէ, ուրիշ մուրհակներն ալ կը հրամայէ տէրերուն յանձնել, երկու քսակ ոսկիներն ալ աղքատներուն բաժնել: Միւս օրը կը վախճանի, եւ Եփրեմի, Ներսէսի, միւս եպիսկոպոսներու եւ բազմաթիւ հոգեւորականներու ու մեծամեծներու ներկայութեամբ կը թաղուի չտեսնուած փառաւոր հանդէսով (ԵՐՑ. Ա. 203):

2387. ԵՓՐԵՄԻ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ

Ներսէս Երմոլովի կողմէ հրահանգ ստացած էր, Եփրեմը կամ դառնալու կամ հրաժարելու համոզել, թէպէտ Ներսէս երկու պայմաններուն ալ համամիտ չէր, եւ Պետրբուրգ գտնուող ազգայնոց դիմած էր, որ աշխատին փոխել տալ կայսեր խիստ վճիռը: Բայց յաջող լուրը կ՚ուշանար, եւ Վելիամինով տեղակալ Երմոլովի անուամբ միշտ նոյն հրահանգը կը կրկնէր: Իսկ Եփրեմ ետ դառնալու միտքէն բացէ բաց կը հրաժարէր, եւ վերջապէս հրաժարելու ձեւին գործադրութիւնը անհրաժեշտ կը դառնայ, որպէսզի կարենայ թոյլատրուիլ Ռուսիոյ սահմանին մէջ մնալ, եւ բնակիլ ուր որ ուզէ: Յունիս 20-ին գրեց Եփրեմ իր հրաժարականը, որուն վկայ ստորագրուեցան ներկայ եպիսկոպոսները, եւ Ներսէս հաղորդեց զայն Վելիամինովի 1822 յունիս 25-ին (ԵՐՑ. Ա. 205): Հրաժարագիրին մէջ գլխաւոր պատճառ յառաջ բերուած է իր տարիքը, եւ օր ըստ օրէ յամենայն կարողութեանց իւրոց, ներքնոց եւ արտաքնոց տկարանալը, թէպէտ դեռ 72 տարեկան էր: Կը յայտարարէ թէ ազատակամ ընտրութեամբ եւ ինքնայօժար անբռնադատ կամօք հրաժարած է: Կը յանձնարարէ յատկացուցանել փոխանակ իմ զայլ ոք բաւական ի բառնալ զհոգս պաշտօնի եւ կոչմանս, եւ հրաժարականը կ՚ուղղէ կայսերական մեծութեան ամենայն Ռուսաց, եւս եւ ժառանգի թագաւորութեան Պարսից, եւ ամենայն հասարակութեան հոգեւորականաց եւ մարմնաւորականաց Հայոց, որք ի Ռուսաստան, եւ որք Կոստանդնուպոլիս եւ յամենայն սահմանս զանազան իշխանութեանց գտանին տարածեալք, եւ փափաք կը յայտնէ կալ ուրեք ի տեղի ապահով, ի ներքոյ քաղցր հովանաւորութեան եւ հզօր ձեռաց իւրոյ կայսերական մեծութեան ամենայն Ռուսաց (ԵՐՑ. Ա. 206-208): Այդ մասին Ներսէս Վելիամինովի կ՚իմացներ թէ Եփրեմ մտադիր է Շուշիէն փոխադրուիլ Գանձակ կամ Ելիզաւետոպոլ քաղաքը: Արդէն Եփրեմ ուղեւորած եւ Գուլստան գիւղը հասած էր, երբ Վելիամինովէ հրաման կը ստանար Շուշի մնալ, մինչեւ որ Երմոլովէ պատասխան ստացուի: Ուստի ստիպեալ Գանձակի ուղեւորութիւնը կ՚ընդհատէր, եւ Գուլստանէ յուլիս 30 թուականով յատուկ հրաժարագիր մըն ալ կ՚ուղղէր Աղեքսանդր Ա. կայսեր (ԵՐՑ. Ա. 209-212): Ասոր վրայ Եփրեմ կ՚արտօնուէր, ու Գանձակ կը հասնէր օգոստոս 18-ին, բայց քաղաքին մէջ ապրիլ չուզելով կը քաշուէր Հաղբատու Ս. Նշան վանքը, իբր երկօրեայ ճանապարհ Տփղիսէ հեռու: Հաղբատ կորսնցուցած էր իր հին փառաւոր վիճակը, եւ 1822 աշնան հազիւ երեք անշուք ու մութ ու խոնաւ խուցեր կրցան տրամադրուիլ Եփրեմի եւ իրեն հետ եղող եպիսկոպոսներու բնակութեան: Ներսէս ալ առժամապէս անոնց հետ մնաց, եւ վանքին ներքինին եւ պարիսպներուն նորոգութիւնը կատարեց, աւելորդ հետեւորդները Էջմիածին դարձուց, եւ ինքն ալ Տփղիս դարձաւ իր առաջնորդական զբաղումներուն, եւ ի նպաստ Էջմիածնի` Կովկասի ռուսական կառավարութեան մօտ գործելու համար:

2388. ՆԵՐՍԷՍԻ ՋԱՆՔԵՐԸ

Եփրեմ 1822 աշունէն մինչեւ 1826 ամառ, իբր չորս տարի Հաղբատի մէջ բնակեցաւ, եւ անկէ ետքն ալ մինչեւ 1828 ամառ Տփղիս մնաց, միշտ հրաժարեալ կաթողիկոսի անունով, սակայն ոչ ոք մտաբերեց անոր հրաժարականը ընդունիլ եւ նոր կաթողիկոսի ընտրութեան ձեռնարկել, եւ ոչ իսկ կաթողիկոսական աթոռը պարապ հռչակուեցաւ, թէպէտ վեց տարի շարունակ կաթողիկոս չկար Էջմիածնի մէջ: Մենք ալ ուրեմն կրնանք Եփրեմի հրաժարագիրը պարզապէս իբր արտաքին ձեւ նկատել (ԵՐՑ. Ա. 217): Իսկ Ներսէս միշտ յաչաղկոտներու լուտանաց առարկայ եղաւ, հակառակ իր գործունեայ ձգտումներուն եւ արդիւնաւոր աշխատութիւններուն: Այս առիթին մէջ ալ պակաս չեղան մախացող լեզուներ, որոնք հռչակեցին թէ Ներսէս բռնութեամբ ստիպեր է Եփրեմին հրաժարուիլ, թէ աքսորել է հայրապետին Հաղբատ, եւ թէ ինքն է հետամուտ գահին, մինչ ճշմարտութիւնն այս է որ եթէ Պետրբուրգ լռութիւն պահեց Եփրեմի հրաժարականի մասին Ներսէսն է պատճառը, եւ եթէ ռուսական նախարարներ շարունակեցին Եփրեմի գրութիւնները յարգել եւ միջնորդութիւններուն ընթացք տալ, դարձեալ Ներսէսն էր պատճառը (ԵՐՑ. Ա. 217): Մինչեւ իսկ Պարսից կառավարութեան առջեւ ալ միեւնոյն ուղղութիւնը պաշտպանեց, համոզելով Ապպաս Միրզա արքայորդւոյն, թէ օծեալ հայրապետը ցմահ չէ կարող փոխուիլ, այնպէս որ նոյն ինքն Ապպաս երբեք կաթողիկոսի ընտրութեան վրայ չմտածեց, եւ Եփրեմը դառնալու ալ հրաւիրեց: Ապպաս աւելին ալ ըրաւ: Յովհաննէս Կարբեցին Էջմիածին չէր երբոր այս գործերը կը կատարուէին, եւ Կ. Պոլիս մտնել չկրնալով 2380), Փոքր Ասիոյ վիճակները կը դեգերէր դրամ հանգանակելու: Եփրեմի հեռանալը եւ հրաժարիլը լսելով, փութաց մարդ ուղարկել Երեւան, եւ առաջարկեց սարտարին երկու հազար թուման վճարել եթէ կարենայ արքայորդիին մօտ իր կաթողիկոսութիւնը յաջողցնել, սակայն Ապպասի պատասխան եղաւ թէ Հայոց օրէնքով անկարելի է նոր կաթողիկոսի ընտրութիւնը քանի որ օծեալը դեռ կենդանի է (ԵՐՑ. Ա. 219): Կարբեցին Էջմիածին գալէ վերջն ալ միշտ նոյն ձգտումները ունեցաւ, եւ ուզեց իրեն ճամբայ բանալ սարտարին առաջարկելով, որ եթէ կաթողիկոսի նոր ընտրութիւն պիտի չըլլայ, թող Ներսէս` կամ Եփրեմը վերադարձնէ կամ պարտքերը վճարէ: Այս առթիւ է որ Ներսէս համարձակութիւն ունեցաւ ուղղակի Կարբեցիին գրել 1821 սեպտեմբեր 13-ին, թէ խորհուրդ ի սրտի ունէիք ընկենուլ յաթոռոյ զօծեալն Աստուծոյ (ԵՐՑ. Ա. 220): Այս եղելութիւնները կատարելապէս կ՚արդարացնեն Ներսէսի ընթացքը, եւ եթէ կաթողիկոսութեան հետամուտ մէկ մը տեսնուի մէջտեղ, Կարբեցիին եւ ոչ Աշտարակեցիին վրայ կը ծանրանայ այդ կասկածը (ՄՍՐ. 86):

2389. ՆԵՐՍԷՍ ԵՒ ՊԱՐՍԻԿՆԵՐ

Բայց աթոռը պարապ չէր, Եփրեմ միշտ իբր կաթողիկոս նկատուած էր, թէպէտ գործերէ ձեռնթափ էր բայց աթոռին մէջ պաշտօնապէս տեղակալ չկար: Սինոդ մը կար իբրեւ վարիչ ժողով, բայց առանց նախագահի գործունեայ դեր չէր կրնար ստանձնել: Ներսէս պատրաստ էր իր գործունէութիւնը ընդարձակել, բայց պաշտօնական կերպարան չունէր: Հետեւաբար շփոթ կացութիւն մը կը տիրէր Մայրաթոռոյ վրայ եւ զուր ջանք ըրած պիտի ըլլայինք կանոնական ընթացք փնտռել ժամանակին եղելութեանց վրայ: Ներսէս միշտ նախաձեռնարկ եւ գործունէութեան մէջ անկաշկանդ, մինչեւ իսկ յատուկ գիրով եւ Տաթեւի Մարտիրոս եպիսկոպոսի պատգամաւորութեամբ պարսից արքայորդւոյն կը դիմէր, եւ կ՚առաջարկէր որ բարձրահրաման հրովարտակով իւրով հրաման տացէ իրեն կարգադրել զհոգեւորականսն աթոռոյ Էջմիածնի: Միւս կողմէ կը յիշատակուի, թէ 1826 յունուարին, Ներսէս մտադիր էր Ռուսաց կայսեր ալ ներկայանալ վասն հոգատար լինելոյ աթոռական հարկաւորութեանց (ՍԵԴ. 21) որ պարտքերու խնդրէն զատ ուրիշ բան չի կրնար ըլլալ: Իսկ Ապպաս Միրզայի մօտ իբրեւ առաջին քայլ կ՚առաջարկէր, որ Էջմիածնի կաթողիկոսը ուղղակի թագաժառանգ փոխարքայէն կախում ունենայ, եւ Երեւանի սարտարէն անկախ ըլլայ, վասնզի ամէն անկարգութեանց եւ անիրաւութեանց արմատ եւ հեղինակ սարտար Հիւսէյին խան կը նկատուէր, որ բացարձակ իշխանութեամբ կը ճոխանար Երեւանի նահանգին վրայ: Ներսէս կը խնդրէր եւս որ արքայական օրէնքով արգիլուի 30% տոկոսը, որ կը տիրէր, վեցամիսէ վեցամիս բարդումով, եւ տարեկան 10% կամ 12% տոկոսը բաւական կը սեպուի եւ ինքն Ներսէս ճանչցուի հաշիւները նայող եւ կացութիւնը ներկայացնող (ԵՐՑ. Ա. 221): Ապպաս Միրզա արքայորդին լաւ ընդունելութիւն յայտնեց առաջարկներուն, որոնք սակայն արդիւնք չունեցան, քանի որ Հիւսէյին խան իր դիրքը կը պահէր, եւ մինչեւ իսկ Էջմիածնի եպիսկոպոսները կը ստիպէր Երմոլովէ պահանջել, որ Ներսէսին հրամայէ Ռուսաստանէ եւ Տաճկաստանէ եկած նպաստները Էջմիածին ղրկել: Առաջարկին նպատակը շատ յայտնի էր, ուստի Երմոլով եպիսկոպոսներուն կը պատասխանէր, թէ գիտէր որ բռնադատեալ դրած են, եւ թէ չի ներեր օտար երկրի կառավարիչի ագահութիւնը յագեցնել իրեններուն դրամով: Սարտարին ալ ուղղակի կը գրէր թէ լաւ գիտէ, թէ որ աստիճան բռնանում է նա Էջմիածնի վանքի վրայ: Ապպասի ալ կ՚ազդարարէր որ իրեն պատուաւոր եւ օգտակար պիտի ըլլար Էջմիածինը պաշտպանել (ԵՐՑ. Ա. 228): Այս յայտարարութեանց իբր պատասխան Ֆէթհալի խան յատուկ դեսպանութեամբ Թաւրիզէ Թիֆլիզ կու գար, եւ կը յայտնէր որ Էջմիածինը Երեւանի սարտարէն անկախ կը հռչակեն, եթէ Ռուսեր ետ դարձնեն Պարսիկներէ գրաւած երկիրներէն որոշ մաս մը (ԵՐՑ. Ա. 224): Սակայն ոչ Ռուսեր երկիր դարձնել մտադիր էին, եւ ոչ Պարսիկներ իրենց առաջարկներուն մէջ անկեղծ էին. երկու կողմեր ալ փոխադարձ յարաբերութիւնները կ՚երկարէին լոկ ատեն շահելու եւ պատեհ գտնալու ակնկալութեամբ: Այսպէս անցան 1822-է 1825 երեք տարիները, առանց գոհացուցիչ արդիւնք մը յառաջ բերելու: Եփրեմ եւ Ներսէս եւ Սինոդ ալ պարագաներու համակերպելէ եւ անկայուն կացութեան մէջ ծփալէ զատ բան չէին կրնար ընել: Նոյն ինքն Ներսէսի բուռն գործունէութիւնն ալ արդիւնք չէր ունենար, քանի որ պարագայից վրայ իշխելու չափ զօրութիւն չունէր:

2390. ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՇԱՐԺՈՒՄՆԵՐ

Յանկարծ Պարսից արքունիքը իր փնտռած պատեհ առիթը գտած ըլլալ կարծեց Ռուսաց կայսեր մահուամբը: Աղեքսանդր Ա. անզաւակ կը մեռնէր 1825 նոյեմբեր 18-ին, Կոստանդին եղբայրը յաջորդութենէ կը հրաժարէր, եւ Պօղոս կայսեր երրորդ որդին, Նիկողայոս Ա. գահ կը բարձրանար դեկտեմբեր 12-ին: Երկու օր ետքը զինուորական դաւադրութիւն մը կը յայտնուէր նոր կայսեր անձին դէմ, որ թէպէտ շուտով կը զսպուէր, եւ խաղաղութիւնը կը շարունակէր, սակայն համբաւը կը ստուարանար, եւ Ապպաս Միրզա գործի օրը հասած կը կարծէր, իբր թէ Ռուսիոյ մէջ քաղաքական պատերազմ կը սկսի, Ռուսեր Կովկասէ կը քաշուին, եւ Պարսիկներ իրենց հին սահմանները կը նորոգեն (ԵՐՑ. Ա. 229): Տակաւ առ տակաւ պատերազմական պատրաստութիւններ կը սկսին Պարսից կողմէն, գունդեր դէպի սահմանագլուխ կը յառաջեն, ժողովուրդը կ՚ոգեւորուի, կարդացողներ կրօնական պատերազմ կը քարոզեն: Ասով մէկտեղ Ապպաս Երմոլովի հետ բանակցութիւնները կը շարունակէ, մինչեւ իսկ կ՚առաջարկէ շնորհաւորութեան դեսպան ղրկել Պետրբուրգ, սակայն իրեն իմաց կը տրուի, թէ պէտք է սպասել որ նախապէս նոր կայսրը իր գահակալութիւնը պաշտօնապէս հաղորդէ: Այդ նպատակով Մենշիկով դեսպան 1826 փետրուարին Պետրբուրգէ կ՚ուղեւորի, եւ Պարսկաստան հասնելով ականատես կ՚ըլլայ թշնամական խլրտումներուն. Ֆէթհալի շահէն պաղ ընդունելութիւն կը գտնէ, խաղաղութեան բանակցութիւններ ընդունելութեան չեն հանդիպիր. մինչեւ իսկ դարձած ատեն ամիս մը Երեւանի մէջ արգելական կը պահուի. եւ դեսպանը Պետրբուրգ չդարձած պատերազմը կը սկսի: Նիկողայոս կայսր իր եղբօր հետեւած խաղաղութեան եւ հաշտութեան ուղղութիւնը կը պահէր, որով կովկասեան բանակը անպատրաստ էր, եւ 1826 յուլիս 16-ին պարսիկ գունդ մը կը խուժէր Շիրակայ գաւառը, զօրագլուխ ունենալով Հասան խանը, սարտար Հիւսէյինի եղբայրը: Սակաւաթիւ ռուս գունդեր չէին կրնար դիմադրել յարձակող բանակին, որոնց միացած էին տեղւոյն ապստամբ մահմետականներն ալ: Շիրակ եւ Արցախ եւ Շամախի աւեր եւ աւար կը դառնային, եւ անձնապաշտպանութեան դիմող Հայերու սխրագործութիւններն ալ չարիքը արգիլել չէին կրնար: Տէլի Ղազարի եւ Ղարաքիլիսէցի Աւետիքի անունները դեռ կը յիշուին (ԵՐՑ. Ա. 234): Ապպաս Միրզա անձամբ Արցախ կը մտնէր 60, 000 զօրքով, Շուշին կը պաշարէր, Գանձակի կը տիրէր, Տաթեւը կ՚աւերէր, վանահայր Մարտիրոս եպիսկոպոսը, նոյն ինքն պատգամաւոր գացողը 2389), Թաւրիզ գերի կը ղրկէր, որ յանկարծամահով կը վախճանէր նոյն քաղաքը: Շուշիի պաշարումը երկարեցաւ հակառակ պաշարի եւ ջուրի պակասութեան, եւ նոյն միջոցին ասպատակը տարածուեցաւ Գանձակի կողմերը, քանդեց Էլէնընտօրֆ, եւ Աննէնֆէլդ եւ Կատարինֆէլդ գերման գաղթականութիւնները, եւ հարիւրներով գերմանուհիներ հրապարակի վրայ վաճառուեցան եւ կանանոցներ ճոխացուցին (ԵՐՑ. Ա. 236): Տփղիս ալ սկսած էր վախնալ պարսիկ արշաւանքէն:

2391. ՆԵՐՍԷՍԻ ՇՐՋԱԲԵՐԱԿԱՆԸ

Նեղ պարագաներուն մէջ, երբ բաւական ռուսական զօրք չկար երկիրը պաշտպանելու, Երմոլով զինուորական խորհրդակցութեան հրաւիրեց Ներսէսն ալ իբր միակ մարդը, որ կրնար տեղական տարրը շարժման մէջ դնել: Ռուսեր յանկարծական յարձակումներու ներքեւ եւ անպատրաստ, տակաւին օրինաւոր պատերազմի յայտարարութիւն չէին ըրած, երբ Ներսէս իր պատերազմաշունչ շրջաբերականը ցրուեց 1826 յուլիս 29 թուականով: Խոհական զգուշաւորութեամբ շրջաբերականը ուղղուած էր ռուսահպատակ Հայերուն, Տփղիս, Գանձակ, Արցախ, Նուխի, Շամախի, Բագու եւ Դարբանդ բնակողներուն: Շրջաբերականը նախնեաց յիշատակներով կը սկսի, այժմեան տխուր կացութիւնը կը բացատրէ, պարսկական բռնութեանց դէմ ռուսական պաշտպանութիւնը կը բարձրացնէ, Հայոց կողմէ Ռուսաց հանդէպ ցուցուած երախտագիտութիւնը եւ հաւատարմութիւնը կը պատմէ, գործելու ժամանակը հասած կը ցուցնէ, եւ Յուդա Մակաբէի յորդորակը կը կրկնէ. Մեռցուք քաջութեամբ ի վերայ եղբարց մերոց, եւ ոչ խառնեսցուք զանուն վատութեան ընդ արութիւնս քաջութեան . ՄԱԿ. Թ. 10). եւ կը վերջացնէ յորդորելով, դիմադրեցէք թշնամուն եւ սորա արբանեակներին, կամ Ռուսաց զօրքերի հետ միասին եւ կամ թէ մի ուրիշ կերպ, որ աւելի յարմար կը լինի ներկայ աւազակօրէն յարձակմանց միջոցին, իսկ թէ հարկ լինի մի' խնայէք ձեր արեան վերջին կաթիլը (ԵՐՑ. Ա. 237-243): Ներսէս խօսքով եւ խրատով չբաւականացաւ, այլ գլուխ կանգնեցաւ հայ կամաւորներուն, եւ մինչեւ որ ռուս գունդեր հասնէին եւ գործի ձեռնարկէին, հայ զինեալ խումբեր արի դիմադրութիւն ըրին Պարսիկներուն, եւ բաւական վնասներ ալ հասուցին:

2392. ԳՐԻԳՈՐ ՄԱՆՈՒՉԱՐԵԱՆՑ

Այս կարգին յատուկ յիշատակութեան արժանի է Գրիգոր Մանուչարեանցի անունը, աստիճանով եպիսկոպոս, պաշտօնով Նոր-Բերդի Ս. Նշանի վանահայր, բնիկ Արցախու Շամշադիլ գաւառի Հախում գիւղէն, որուն իր անունն ալ տուած է, զի Վարդապետի գիւղ անունով սկսաւ յիշուիլ Հախումը (ԵՐՑ. Ա. 243): Մանուչարեանց գիտէր վեղարն ու վերարկուն ալ ծալել, եւ Արցախեցիի ոչխարենի գլխանոցը եւ շինականի տարազը հագնիլ, սուրը կապել, եւ հրացանը ուսը ճերմակ նժոյգը աշտանակել եւ կռիւի դաշտը ելլալ: Մանուչարեանց 500 կտրիճ երիտասարդներու հեծելագունդ մը կազմած էր, որուն ինքն էր գնդապետը, եւ պարագան ներկայացած ատեն գործի կը ձեռնարկէր, գործը աւարտելէն ետքը իր վանքը քաշուելու պայմանով: Իշխան Ցիցիանովի 1803-ին Գանձակի եւ Երեւանի վրայ քալած ատենը 2279), Մանուչարեանց իր գունդովը անոր յառաջապահն էր, եւ իր քաջագործութեանց ի վարձ Ս. Գէորգի զինուորական ասպետութեան շքանշանը եւ 300 րուբլու թոշակ ստացած էր կռիւի դաշտին վրայ (ԵՐՑ. Ա. 244): Կոմս Գուտովիչ ալ 1808-ին Երեւանի եւ Նախիջեւանի վրայ քալած ատեն, Մանուչարեանցը եւ նորա գունդը միատեղ կ՚առնէր, եւ դարձեալ ի վարձ կայսեր կողմէն Ս. Վլատիմիրի եւ Ս. Աննայի շքանշանները բերել կու տար, եւ 300 րուբլու թոշակն ալ 600-ի կը բարձրացնէր: Պարսից հետ խաղաղութեան պատճառով Մանուչարեանց դարձեալ իր վանքն էր դարձած. միայն մերթ ընդ մերթ աւազակներ հալածելու եւ աւարնին թափելու համար իր հանդարտութիւնը ընդմիջելով (ԵՐՑ. Ա. 245): Այդ կացութիւնը կը շարունակէր երբոր պարսիկ խումբերը ռուսական սահմանները կ՚ասպատակէին 2390). իսկ Եփրեմ կը մնար Հաղբատ, եւ վախ կար որ Պարսիկներ այն կողմն ալ հասնին եւ անոր անձին տիրանան: Ներսէս կ՚ուզէր Եփրեմը ապահով տեղ մը փոխադրել, բայց ճամբաներն ապահով չէին, եւ Մանուչարեանցէ լաւ գործակատար մը չէր կրնար գտնալ: Իսկոյն Հաղբատ հասաւ, հայերէն Ազա Տէր, եւ մահմետականներէն Տէլի Քէշիշ կոչուած եւ սարսափ ազդող եպիսկոպոսը, միայն 40 հեծեալներու հետ, եւ Եփրեմը օգոստոս 6-ին Հաղբատէ հանելով, միւս օր անվտանգ մտցուց Տփղիս, ճամբուն վրայ 300 պարսիկ հեծեալներու յարձակումն ալ ցրուելով: Երմոլով ալ զարմացաւ հայ եպիսկոպոսին քաջութեան վրայ, եւ անոր յանձնեց Շամշադիլի եւ Ղազախի եւ Սեւանի կողմերէն փախած կամ գերուած ընտանիքները տեղերնին դարձնել: Երմոլով անձամբ ալ նոյն կողմերը գալով ականատես եղաւ Մանուչարեանցի սխրալի յաջողութեանց, եւ ինքնաբերաբար հարցուց թէ ինչո~վ կարող է վարձատրել անոր ըրածները: Եպիսկոպոսը իրեն համար բան մը չուզեց, այլ խնդրեց որ վերջ տրուի թուրք իշխանաւորներուն հայ ազգաբնակութեան վրայ գործած կեղեքումներուն. եւ Երմոլով 1826 հոկտեմբեր 1-ի պաշտօնագիրով Մանուչարեանցի արժանիքը բարձրացուց, եւ յանձն առաւ անոր խնդիրը լիուլի կատարել, այժմէն մասնակի կարգադրութիւններ ալ հրամայելով:

2393. ԻՇԽԱՆ ՄԱՏԱԹԵԱՆՑ

Պարսիկ հրոսակը պաշարած էր Շուշի քաղաքը, ուր ապաւիներ էին ռուսական խումբերը, բայց պաշտպանութիւնը տակաւ կը տկարանար: Երմոլովի կողմէն քանի մը վաշտեր միայն կրցան յղուիլ պաշարողները ցրուելու, որոնք չկրցան ներշնչել յաջողութեան յոյս մը, ինչ որ կրցաւ ազդել միայն իշխան Մատաթեանցի կամ Մատաթովի անունը: Արցախեցի աննշան մարդու զաւակ էր եղած, եւ որբ մնալով մելիք Ջումշուտի տան մէջ պատսպարուած, եւ Մելիքին հետ անգամ մըն ալ Պետրբուրգ էր գացած: Հուժկու եւ հսկայ երիտասարդը Պօղոս կայսեր մտադրութիւնը գրաւած էր, որ զայն իրեն մօտ ունենալու համար Արցախէ ետ բերել կու տայ, թիկնապահ գունդին մէջ կը դնէ, սպայութեան կը բարձրացնէ եւ հետզհետէ մինչեւ իշխանական աստիճան կը շնորհէ: Մատաթով իբրեւ զինուորական մասնակցած էր 1808-1810 պատերազմներուն Տաճկաց դէմ, եւ 1812-1814-ի պատերազմներուն Նաբօլէոնի դէմ եւ քաջութեան անուն ժառանգած էր, իսկ 1815-ին Շուշի եւ Շիրուան եւ Արցախ գաւառներու կառավարիչ էր նշանակուած, ուր Լէզկիներու դէմ նշանաւոր յաղթութիւններ տանելով, Երմոլովի սիրելի կը դառնար եւ հանրութենէն կը գովուէր: Շփոթութեանց օրերը, 1826 ամառը, Մատաթով Կովկասի ջերմուկները կը գտնուէր վէրքերէ բժշկուելու եւ կազդուրուելու համար, այլ պատերազմի շռինդը չթողուց որ շարունակէ, Տփղիս եկաւ, Երմոլովի ներկայացաւ, իր ծառայութիւնը առաջարկեց, Շուշի գացող բանակին հրամանատար նշանակուեցաւ, եւ օգոստոս 13-ին արդէն բանակին մէջն էր (ԵՐՑ. Ա. 258): Մեծ եղաւ տպաւորութիւնը, մանաւանդ երբոր Մանուչարեանց ալ իր հեծելագունդով Մատաթեանցի խառնուեցաւ, եւ ոչ միայն տեղացի Հայեր, այլեւ ռուսական գաւառներու Թուրքերն ալ կամաւոր գրուեցան Պարսից դէմ պատերազմելու: Զգացումները փոխուեցան եւ ռուսական յաղթութեան վրայ վստահութիւնը շատցաւ (ԵՐՑ. Ա. 258):

2394. ՍԱՐԳԻՍ ՄԵՏՐԱՊՈԼԻՏ

Շուշի տակաւին պաշարուած կը մնար, եւ պարսիկ հրոսակը չէր յաջողեր քաղաքը գրաւել: Ապպաս Միրզա արքայորդին, պարսիկ արշաւանքին ընդհանուր հրամանատարը, նոր կերպ մը մտածեց պաշարեալներուն յամառութիւնը յաղթելու: Իրեն գրաւած մասին մէջ կը գտնուէր Սարգիս Հասան-Ջալալեան, որ առաջ համակերպած էր Ղուկասի հրամանին եւ Աղուանից կաթողիկոսութեան անունէն եւ կարմիր կնիքէն հրաժարելով, իբր պարզ մետրապոլիտ կամ արքեպիսկոպոս կը մնար Գանձասար, բայց Ռուսաց տիրապետութեան առթիւ նորէն կաթողիկոսի անունն ու կնիքը սկսած էր գործածել: Ներսէս Տփղիսի առաջնորդութեան անցնելով, ռուսական կառավարութեան հետ բանակցութեան մտաւ Եփրեմի անունով, Աղուանից կաթողիկոսութեան անունը հիմնովին խափանել տուաւ պետական վճռով 1815-ին, եւ Սարգիս պաշտօնապէս հռչակուեցաւ որպէս միայն արքեպիսկոպոս կամ մետրապոլիտ Գանձասարի կամ Ղարաբաղի, որ է Արցախը (ԵՐՑ. Ա. 252): Բայց Սարգիս սիրտին մէջ կը պահէր միշտ կաթողիկոսական ձգտումները, եւ Պարսից ներկայութիւնը յաջող առիթ կը նկատէր, ուստի յանձն առաւ Ապպասի առաջարկութեամբ Շուշիի բերդին առջեւ երթալ հայ եւ պարսիկ հետեւորդներով եւ պաշարեալները անձնատուր ըլլալու յորդորել, յայտարարելով թէ ինքը Սարգիս կաթողիկոսն է. եւ երդվում է իւր սուրբ կարգով` որ Պարսիկները չեն վնասիլ նոցա, եթէ անձնատուր կլինին: Ոչ միայն զինուորներ, այլեւ կիներ եւ աղջիկներ քարէ կարկուտով պատասխանեցին Սարգիսի առաջարկին, դու մեր հոգեւոր տէրը չես, դու մօլլա Սարգիս ես` աղաղակներով: Թէպէտ գովելի չէր Սարգիսի առած քայլը, այլ անուղղակի լաւ արդիւնք ունեցաւ, եւ Գանձասարի վանքը կործանումէ եւ շատուշատ Հայերու կեանքը կոտորածէ ազատեց (ԵՐՑ. Ա. 252): Այդ միջոցին Մատաթեանց եւ Մանուչարեանց իրենց պատերազմական պատրաստութիւններով էին զբաղած, օգոստոս 22-ին ցրուեցին եւ հալածեցին Զուրաբ Խանի եւ վրացի Աղեքսանդրի զօրքերը, սեպտեմբեր 3-ին Շամքօրի մեծ յաղթանակը տարին, եւ 4-ին Գանձակը գրաւեցին, որ նոր անունով Էլիզավէթպօլ կամ Եղիսաբեթուպօլիս կը կոչուէր: Մատաթեանց իր ընթացքը շարունակելու կը պատրաստուէր, երբ սեպտեմբեր 10-ին Գանձակ հասաւ Յովհաննէս կամ Իւան Պասքեւիչ զօրավարը, Կովկասեան բանակին ընդհանուր հրամանատար անուանուած, իրեն հետ բերելով կայսերական թիկնապահ գունդին մի մասը, որ 1825 դեկտեմբեր 14-ի դաւադրութեան 2390) մասնակցելուն համար, իբր պատիժ, Պարսից դէմ պատերազմին կը ղրկուէր: Նոր ճակատամարտ խռնուեցաւ սեպտեմբեր 13-ին Գանձակի դաշտին վրայ, եւ յաղթութիւնը Ռուսներուն մնաց Մատաթեանցի շնորհիւ: Ապպաս Շուշիի պաշարումն ալ վերցուց եւ մինչեւ Թաւրիզ փախաւ, իսկ Պասքեւիչ եւ Մատաթեանց ականակուռ սուրով պատուուեցան, եւ վերջինս զօրաբաժինի զօրավարի աստիճանին բարձրացաւ, իսկ աւարին թնդանօթները ու դրօշները Մոսկուայի արքունական պալատը զետեղուեցան:

2395. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊԱՍՔԵԻՒՉ

Պասքեւիչ պարսկական արշաւանքին հրամանատար նշանակուելովը Երմոլովի դիրքը խախտած չէր զի կը մնար միշտ Կովկասի կառավարչապետ եւ Պասքեւիչ պարտաւոր էր անոր հրահանգներուն հետեւիլ: Բայց խուլ պայքարը սկսած էր արդէն երկուքին մէջ: Պասքեւիչ հարաւային Ռուսիոյ Պոլտաւա քաղաքը ծնած 1782-ին, եւ 18 տարեկանէն պալատական սպաներու շարքը անցած, 1804-1814 պատերազմներու մասնակցած, 29 տարեկան զօրավարութեան աստիճանին բարձրացած, Աղեքսանդր կայսեր սիրելի եղած, Նիկողայոսի թագադրութեան ուղեկցած, եւ կայսերական կամքի գործադրութեան պաշտօնեայ դարձած, զինքն միշտ բախտէն փայփայուած գտաւ, եւ իր ձգտումներուն չափ չդրաւ: Այս անգամ ալ իրեն դիւր չեկաւ ուրիշի ստորադրեալն ըլլալը, եւ առջի օրէն Երմոլովը տապալելու ձեռք զարկաւ (ԵՐՑ. Ա. 266), օգտուելով այն ներքին յարաբերութիւններէն` զորս արքունիքին մէջ ունէր, եւ ամենասեւ գոյներով նկարագրելով Երմոլովը եւ անոր օգնականները եւ բոլոր բանակը, մինչ երես առ երես ամէն գովեստ կը շռայլէր անոնց, անոնց ձեռնտուութիւնն ապահովելու համար (ԵՐՑ. Ա. 267): Իսկ Երմոլովը անկասկած կը շարունակէր իր գործունէութիւնը: Հասան խանի նոր բանակով եւ մեծ հեծելագունդով յառաջելուն լուրն առնելով, ինքն Հասանսու գետակի կողմը գնաց, Դիլիջանի ձորը Մանուչարեանցի յանձնեց, եւ Դենիս Դաւիթով զօրավարը Ջալալօղլի կողմը ղրկեց, որ Հասան խանին հանդիպելով զայն փախուստի ստիպէ: Հասան խան հայ գիւղերէն հանեց իր վրէժը, եւ Էջմիածինն ալ քարուքանդ ըրած կ՚ըլլար, եթէ նոյնիսկ թիւրք պէյերը չընդդիմանային չարամիտ հրամանին: Հասան խան ետ դառնալով Երեւան ապաւինեցաւ, եւ Դաւիթով պաշարման պիտի ձեռնարկէր, բայց ձիւներ սկսած էին, եւ Երմոլովէ հրաման եկաւ թշնամութիւնները ընդհատել, եւ պաշարումը գարունին յետաձգել: Միայն Մատաթեանցի հրաման տրուեցաւ ձմեռուան մէջ Երասխը անցնիլ, եւ Մուղանի դաշտը հաւաքուող խուժդուժ թափառականները ցրուել, զոր նա գլուխ տարաւ հայ կամաւորներու հեծելագունդով եւ 1827 յունուարին Արցախու ձմերոցը դարձաւ, եւ այն տեղն ալ մաքրեց զանազան կողմերէ եկած աւարառու լեռնականներէն (ԵՐՑ. Ա. 264):

2396. ԵՐՄՈԼՈՎ ԵՒ ՊԱՍՔԵՒԻՉ

Պատրաստութեանց միջոց մը եղաւ 1826-1827 ձմեռը: Երմոլով մեծ յոյս դրած էր հայ կամաւորներու օգնութեան վրայ, եւ ամէն կերպով ջանաց շահիլ Հայերուն սիրտը, եւ ամուր կերպով միացնել անոնց զգացումները ռուսական կառավարութեան հետ: Այդ մասին իրեն հաւատարիմ գործակից եւ ժիր գործադրիչ ունեցաւ Աշտարակեցի Ներսէսը, որ պարսիկ իշխանութեան ներքեւ Հայոց նեղութիւնները եւ չքանալը տեսնելով, կատարեալ հաւատքով կ՚ակնկալէր Հայոց վերակենդանութիւնն ու երջանկութիւնը տեսնալ ռուսական հովանաւորութեան ներքեւ: Երմոլովէ գաղտնի չէր անշուշտ, որ կոմս Տիբիչ ալ, որ պատերազմին նախագիծը կազմելու համար Կովկաս էր եկած, Նիկողայոս կայսեր կը ներկայացնէր Ներսէսը, որպէս մի անձնաւորութիւն որ կարող է շատ օգտակար լինել Ռուսաց բանակին: Ասոր հետեւանքն էր 1827 փետրուար 2 թուակիր հրովարտակը Ներսէսի հասցէին ուղղուած, որով կայսերական երախտագիտութիւն կը յայտնուէր Հայոց ընթացքին մասին եւ վստահութիւն կը ներշնչէր թէ յարատեւել ունին, առ նոսա յատուկ ողորմութիւնք, ցորչափ տեւեսցէ անյողդողդ հաւատարմութիւն ազգին Հայոց (ԵՐՑ. Ա. 269): Երմոլով ինքն ալ փետրուար 15-ին գրութեամբ կը փութար յայտնել երախտագէտ տէրութեան հարկ եղած շնորհակալութիւնը եւ կը հաւաստէր թէ Ներսէսի ամէն մի գովելի գործը իր կողմէն միշտ կը վկայուի կայսեր առջեւ: Կայսերական հրովարտակը հանդիսապէս կարդացուեցաւ Վանքի մայր եկեղեցին խուռն բազմութեամբ եւ Ներսէսի սրտառուչ ճառով (ԵՐՑ. Ա. 265): Բայց միւս կողմէն չէին դադրեր Պասքեւիչի գաղտնի հնարքները Երմոլովը տապալելու, մինչեւ որ մարտ 29-ին կառավարչապետութեան պաշտօնն ալ Երմոլովէ Պասքեւիչի կը փոխանցուէր, առաջիկայ պատերազմի միջոցին աւելի ամփոփ եւ աւելի ժիր վարչութիւն մը պատրաստելու պատրուակով: Պասքեւիչ իսկոյն կը ձեռնարկէր Երմոլովի հաւատարիմներն ալ իր շրջանակէն հեռացնել, եւ հետզհետէ անգործ կը թողուէին կամ այլուր կը փոխադրուէին Երմոլովի ձեռքին ներքեւ յաղթութիւն տանող զօրավարներէն Վելիամինով եղբայրները եւ Դաւիթովը (ԵՐՑ. Ա. 267), ինչպէս նաեւ Մատաթեանցը, որ Տփղիսի մէջ հինգ ամիս անգործ թողուելէ ետքը Դանուբի բանակը կը ղրկուէր ռուս եւ թուրք պատերազմին մասնակցելու: Թէպէտ այն կողմն ալ արդիւնաւոր եղաւ հայ իշխանը, սակայն իր սրտին վրայ ճնշեց Պասքեւիչի հալածանքը, եւ քիչ ետքը վշտերից մեռաւ 1829 սեպտեմբեր 4-ին Շումլա բերդին մօտ, եւ մարմինը Պետրբուրգ փոխադրուելով ռուսական եկեղեցւոյ մէջ թաղուեցաւ, զի ռուս օրիորդի հետ ամուսնացած եւ որթոտոքսութիւն ընդունած էր (ԵՐՑ. Ա. 259):

2397. ՆԵՐՍԷՍ ԵՒ ՀԱՅԱԳՈՒՆԴԸ

Ներսէսն ալ Պասքեւիչի սիրելի չէր կրնար ըլլալ քանի որ Երմոլովի հոգեւին յարած էր, բայց Ներսէս յառաջիկայ յաջողութեան համար անհրաժեշտ անձ մըն էր, եւ Ներսէս ինքն հանրային տեսակէտով ոգեւորուած, անձնականութիւններէ շատ բարձր էր, որով կրցաւ պահ մը շարունակել Պասքեւիչի եւ Ներսէսի գործակցութիւնը: Ներսէսի ծրագիրին գլխաւոր առանցքը կը կազմէր հայ գունդ մը մէջտեղ հանել, որով Հայեր զգալի կերպով Ռուսաց նիզակակից եւ աջակից պիտի ճանչցուէին, եւ յաղթութեան օգուտներուն մասնակցելու իրաւունք պիտի ստանային: Երմոլովէ ստացած հաւանութիւնը Պասքեւիչի մօտ նորոգեց, եւ սորա կողմէն Տփղիսի զինուորական նահանգապետ զօրավար Սիպեագին պաշտօն ստացաւ կազմութեան հսկել: Ներսէսի հրաւէրը սիրալիր ընդունելութիւն գտաւ Հայոց մէջ, եւ 1827 մարտին 200-ին հասած էր զինուորագրուողներու թիւը, որոնց Ներսէս դիտաւորութիւն ունէր անձամբ առաջնորդել, եւ յառաջապահ զօրաց հետ քալել Երեւանի վրայ: Մարտ 30-ին աւագ չորեքշաբթի օր, հանդիսաւոր զօրանցք կատարուեցաւ, եւ ձիու վրայ հեծած, սրտաշարժ ճառով ոգեւորեց իւր զինուորներուն, եւ քանի մը անգամ գունդը առջեւէն անցուց ռազմաւոր ձեւերով (ԵՐՑ. Ա. 271) եւ նուագածուաց երաժշտութեամբ եւ կեցցէներու գոռումներով, որոնց Ներսէս կը պատասխանէր. Ապրիք քաջեր, շնորհակալ եմ: Ներսէս չկրցաւ կազմակերպութիւնը աւարտելուն սպասել, եւ պարտաւորուեցաւ ապրիլ 2-ին Տփղիսէ մեկնիլ Ջալալօղլի հաւաքուած ռուսական բանակին առաջնորդելու համար (ԵՐՑ. Ա. 272), որ նոյն օր Բօրչալուէ պիտի մեկնէր դէպի Երեւան, հրամատարութեամբ զօրավար Բենկենտօրֆի (ԵՐՑ. Ա. 232), Լազարեան ճեմարանի իշխանապետին եղբօր: Զինուորներու թիւը տակաւ ստուարացաւ, եւ մայիս 15-ին արդէն 600 եղած էր, երբ Երկրորդ Ծաղկազարդի կիրակի օրը վանքի մայր եկեղեցին հանդիսապէս եւ բազմաթիւ ռուս զօրավարներու ներկայութեամբ երդումի արարողութիւն ու դրօշակի օրհնութիւնը կատարուեցան, իսկ պարագային համեմատ ոգեւորեալ եւ ոգեւորիչ ատենաբանութիւնն ընել Ալամդարեան Յարութիւն քահանային վիճակեցաւ (ԵՐՑ. Ա. 272-274), զոր յիշեցինք իբր Ներսիսեան վարժարանի տեսուչ 2377): Հայագունդը Տփղիսէ մեկնեցաւ մայիս 17-ին իր դրօշակով դէպի Երեւան, Բենկենտօրֆի եւ Ներսէսի միանալու համար, եւ այնչափ մեծ էր ազգային հրճուանքը, որ Երեւանի սահմանը չհասած հազարէ աւելի եղած էր հայ զինուորութիւնը (ԵՐՑ. Ա. 284):

2398. ՀԱՅԱԳՈՒՆԴԻՆ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ

Հայագունդին կազմութեան վերաբերեալ տեղեկութիւնները լրացնելու համար, յիշենք թէ պաշտօնագիրները մայիս 24-ին հրատարակուեցան զօրավար Սիպեագինի ստորագրութեամբ, որով կ՚որոշուէին կազմակերպութեան պայմանները 29 յօդուածներով, եւ մէկ յառաջաբան ազդարարութեամբ, որով կը ծանուցանէին կայսերական հրամանը, եւ Պասքեւիչի կողմէ Սիպեագինի եղած յանձնարարութիւնը, գունդին կազմուիլը, դրօշակի օրհնութիւնը, եւ զինուորներուն ուղեւորիլը: Հրահանգը կը թուէ զինուորագրութեան պայմանները եւ կը ճշդէ պարտքերն ու իրաւունքները, եւ որպէսզի իւրաքանչիւր ոք որ յօժարակամ ի նոյն մտանէ կարասցէ գիտել թէ ցորչափ ժամանակ եւ որպիսի դաշամբք պարտաւորի ծառայել (ՄՍՐ. 193): Կանոնները շարադրուած են բոլորովին ռամիկ լեզուով իսկ պաշտօնական բառերը ռուսերէն են պահուած, որով լեզուի կողմանէ եւս հետաքրքրական վաւերագիր մը կը դառնայ հրահանգը (ՄՍՐ. 192-197): Այսպէս 7-րդ յօդուածը կ՚ըսէ, նրանք օրթում են ուտում հաւատարիմ ծառայութեան համար, այսինքն, հաւատարմութիւն պիտի երդնուն, եւ 10-րդ յօդուածը կը գրէ, օֆիցերներ տեղ ջոկվում են Ունտէր օֆիցերներիմէն, իրանց ղօչաղութեան, խելքի եւ ջերմեռանդութեան գօրա, այսինքն սպաները ենթասպաներուն մէջէն կ՚առնուին, իրենց քաջութեան եւ յաջողակութեան եւ կանոնապահութեան համեմատ: Հայ կամաւորները վաշտեր պիտի կազմէին, իւրաքանչիւրին մէջ 800 զինուոր, 80 ենթասպայ, հրամանատար մը որ պիտի լինի Հայոցմէն, 14 զանազան սպաներ, 8 փողահար եւ թմբկահար, եւ 40 սայլապան: Վաշտը պիտի բաժանուէր ութը հարիւրեակի, իւրաքանչիւրը տասը տասնեակով, եւ խաղացնելու խօսքերն պիտի լինիլ Հայոց լեզուովն, այսինքն, հրամանները հայերէն պիտի տրուին: Զգեստի զէնքի եւ պարէնի մասին ալ չափ եւ կերպ որոշուած էր, եւ ամենայն ինչ տէրութենէն պիտի հոգացուէր, բայց մինչեւ որ կարգադրութիւնները լրանան մասամբ դրամ պիտի տրուէր, եւ զինուորականներ պիտի հոգային իրենց պէտքերը: Վաշտը յատուկ քահանայ եւ բժիշկ ալ պիտի ունենար: Ծառայութեան ժամանակ որոշուած էր քանի կռիւն Ղզլբաշի հետ կու երկարվի, ուսկից ետքը կամ տուներնին պիտի դառնային, կամ կանոնաւոր զինուորութեան պիտի մտնէին: Այդչափը բաւ կը սեպենք կազմակերպութեան մասին գաղափար տուած ըլլալու համար: Առաջին անգամ զինուորական ծառայութեան մտնողներու մասնաւոր ցուցակներ պահուած կը գտնուին, որոնցմէ կը քաղենք թէ առաջին 214 անձերէն 18 տաճկաստանցի են, եւ 130 Պարսկաստանի սահմանակից գաւառներէն եկած, մնացեալը վրաստանցի են, իսկ ղարաբաղցիք 9 անձ միայն, զի անոնք առաւելապէս Մանուչարեանցի հեծելագունդին մտած էին: Առաջին հրամանատարը եղաւ Գէորգ Լազարեան, եւ իրեն օգնական Դաւիթ Ղօրղանեան, եւ վեց սպաներէն չորսը Տփղիսեցի եւ երկուքը Արցախեցի (ԵՐՑ. Ա. 279-280, ՄՍՐ. 197-200):

2399. ՌՈՒՍԱՑ ԱՐՇԱՒԱՆՔԸ

Արդէն նշանակեցինք ռուսական բանակին եւ հայ կամաւորներուն շարժումները: Ընդհանուր ծրագիրն էր Երեւանը եւ Նախիջեւանը գրաւելով, Վրաստանի եւ Արցախի բանակները միացնել, եւ Երասխը անցնելով Թաւրիզի վրայ քալել եւ որչափ հնար է շուտ Պարսից հետ պատերազմը վերջացնել, որպէսզի Տաճկաց հետ պատերազմին պատրաստ գտնուին: Իսկ ձեռք բերուելիք օգուտը պիտի ըլլար Երեւանի եւ Նախիջեւանի նահանգները ռուսական կայսրութեան կցել: Թէ ռուսական սպայակոյտը եւ թէ Ներսէս վստահ էին պարէնի առատութիւն գտնել Պարսկահայաստանի կողմերը, այլ Պարսիկներ աճապարած էին գիւղերը քանդել, պաշարը ոչնչացնել, բնակիչները ետ քաշել, մինչեւ իսկ վարուցան արգիլել եւ հունձքեր փճացնել, նոյնիսկ Էջմիածնի համբարանոցները դատարկել եւ միաբաններու մեծ մասը Երեւանի բերդը փոխադրել: Յառաջապահ քալողը Բենկենտօրֆի բանակն էր, որ ապրիլ 2-ի Բօրչալուէ մեկնելով, 9-ին Պարսից սահմանը մտաւ, դէպի ուղիղ Էջմիածին հասնելու եւ զինուորական գործողութիւնները հոն կեդրոնացնելու համար: Բայց երկրին ամայացած եւ թալանուած վիճակը յառաջխաղացութիւնը կասեցուց եւ հարկ եղաւ Պասքեւիչէ պաշար խնդրել: Միւս կողմէն Ներսէս մտածեց գաղտնի լուր հասցնել Էջմիածնեցւոց, իրենց մօտալուտ գալուստը աւետելու եւ պատրաստութիւն յանձնարարելու համար: Յովհաննէս Ասլանեանց Բիւրականցի երիտասարդը, որ այս լուրը պիտի տանէր, Պարսիկներու ձեռքն ինկաւ եւ չարաչար տանջանքներու ենթարկուեցաւ գաղտնիքը յայտնելու: Քաջ երիտասարդը ամէնուն ալ տոկաց, եւ քիթը կտրած, մէկ աչքը հանուած, լեզուն ալ կտրած, իբրեւ կիսամահ թողուեցաւ դաշտին վրայ, բայց վերջապէս ուշքի եկաւ, եւ այդ վիճակին մէջ Էջմիածին հասնելով, դարձեալ կարողացաւ հասկցնել թէ Ռուսներ եւ Հայեր եւ Ներսէս վաղը միւս օր կը հասնին: Յովհաննէս Ասլանեանցի անունը ռուսական տարեգրութեանց ալ անցած է, եւ ինքն ալ ոսկի շքադրամով եւ տարեկան հարիւր րուբլու թոշակով վարձատրուած է (ԵՐՑ. Ա. 282):

2400. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԱՌՈՒՄԸ

Դէպ Էջմիածին գացող Բենկենտօրֆի բանակը, որուն հետ էր Ներսէս 2393), ապրիլ 13-ին հասաւ Էջմիածին, եւ միաբանութեան մնացորդը, ընդ ամէնը 22 հոգի, խաչով ու խաչվառով դիմաւորեց եկողները: Մայր տաճարի մէջ հանդէս կատարուեցաւ, Ներսէս ոգեւորեալ ատենաբանեց, ռուս զինուորներն իսկ զգածուեցան: Բենկենտօրֆ վաշտ մը միայն թողուց Էջմիածինի պահպանութեան, եւ ինքն Սարտարապատի վրայ գնաց, բայց չկրնալով ամուր բերդը գրաւել, ետ եկաւ Երեւանը պաշարելու, բայց գործը երկարեցաւ, Պասքեւիչ ալ անձամբ պատերազմին դաշտը գալու համար մայիս 12-ին Տփղիսէ մեկնեցաւ 500 հայ եւ վրացի հետեւորդներով, եւ իր ետեւէն 18-ին ալ ճամբայ ելաւ հայ կամաւորներուն վաշտը, ինչպէս յիշեցինք 2397): Յունիս 8-ին ամէնքը հասած էին Էջմիածին, եւ փառաւոր ընդունելութիւն կատարուեցաւ, գլխաւորութեամբ Ներսէսի, որ Էջմիածին կը մնար զինուորական կարգադրութեամբ, հիւանդ զինուորներուն հոգ տանելու համար: Հիւանդութիւնը շատցեր էր Երեւանը պաշարողներու մէջ, եւ հարկ եղաւ որ ամբողջ բանակը օդափոխութեան համար Պաշապարան փոխադրել եւ պաշարման շարունակութիւնը յանձնել Կրասովսքիի գունդերուն (ԵՐՑ. Ա. 283-285): Աթանաս Կրասովսքի ազնուատոհմիկ երիտասարդ ըլլալով, կանուխէն զինուորութեան մտած էր, եւ 1804-էն սկսելով պատերազմի մասնակցած, քաջագործութիւններ կատարած եւ 1825-ին զօրաբաժնի զօրավարութեան բարձրացած, եւ վերջերս Վրաստան ղրկուած էր իբրեւ սպայակոյտի պետ, բայց չէր կրցած Պասքեւիչի հաճոյանալ, եւ այս էր պատճառը որ կեդրոնական բանակէն հեռացուելով Երեւանի պաշարման յղուեցաւ (ԵՐՑ. Ա. 296): Բայց Կրասովսքի ալ պարտաւորուեցաւ Երեւանի պաշարումը ընդհատել, իր բանակին մէջ ալ հիւանդութեան տարածուելուն պատճառով: Իր բանակատեղը Էջմիածին հաստատեց եւ հոն տեղաւորեց հազարէ աւելի հիւանդներ, իսկ ինքը շրջակաները ընդարձակուեցաւ, եւ Օշական, Աշտարակ, Ապարան ռուս գունդեր զետեղեց: Իր հեռանալը Հիւսէյին սարտարին համարձակութիւն տուաւ Ռուսներուն սպառնալու որ Էջմիածինէ ալ հեռանան, սակայն չյաջողեցաւ եւ ինքն պարտաւորուեցաւ ետ դառնալ, միշտ յոխորտանքը ձեռքէ չթողլով: Պասքեւիչ ալ Էջմիածինէ մեկնած էր յունիս 19-ին, եւ երկու օր ետքը Գառնիէ Նախիջեւան էր անցած. քաղաքը անպաշտպան գտած եւ գրաւած էր: Ապպաս Միրզա մեծ հեծելագունդով ամրացած կը սպասէր Ապպասապատի մէջ. Պասքեւիչ անոր վրայ քալեց, եւ Ջէվանբուլաղի յաղթութեամբ փախուստի ստիպեց Պարսիկները, որով քաղաքն ալ անձնատուր եղաւ յուլիս 7-ին (ԵՐՑ. Ա. 185):

2401. ԱՇՏԱՐԱԿԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ

Այդ յաջողութիւններ չկրցան գործողութեանց որոշակի վերջ մը տալ, զի Պարսիկները օգտուելով Պասքեւիչի գլխաւոր բանակով Նախիջեւանի կողմը գտնուելէն եւ Կրասովսքիի արդէն հեռացած ըլլալէն, որոշեցին նախ Էջմիածինը գրաւել, եւ Էջմիածնի ու Երեւանի շուրջը գտնուող փոքր ոյժերը ոչնչացնելով Տփղիսի վրայ ազատ ճամբայ բանալ: Սոյն նշանաւոր 1827 տարւոյ օգոստոս 15-ին, Աստուածածնայ մեռելոցի առտուն Ապպաս Միրզա իր բանակով Օշական հասաւ, երեկոյին Էջմիածինը շրջապատեց, եւ Եուսուֆ խան պատգամաւորին ձեռքով անձնատուր ըլլալ առաջարկեց: Էջմիածինի մէջ կը հրամայէին ռուս բերդապահ սպայ մը եւ Ներսէս, նա մերժեց առաջարկը, իսկ սա յայտարարեց թէ վանքը հզօր է Աստուծոյ զօրութեամբ: Գիշերանց սկսաւ ռմբակոծութիւնը, որ սաստկացաւ առաւօտուն լուսնալէն ետքը: Ներսէսի յուղարկած լրատուներ հետզհետէ Պարսից ձեռքն ինկան, տանջուեցան, յօշոտուեցան, սպանուեցան. մէկը միայն կրցաւ Կրասովսքիի հաղորդել եղելութիւնները (ԵՐՑ. Ա. 290): Երեւանի մելիքներէն Սահակ Աղամալեան ալ յաջողեցաւ լուր հասցնել, թէ Ապպաս Միրզան մտադիր է Էջմիածինէ դէպի Տփղիս յառաջել: Երեքշաբթի ցերեկէն ետքը պատրաստութիւնները լրացան, եւ երեկոյեան դէմ ճամբայ ելաւ Կրասովսքի հազիւ 2500 (ԵՐՑ. Ա. 291) կամ 3000 (ՄՍՐ. 92) ռուս եւ հայ զինուորներով: Գիրշերը քիչ մը հանգստանալէն ետքը, չորեքշաբթի առտու, օգոստոս 17, ճամբան շարունակեցին Քասախի ձորին քարաժայռ կիրճերուն մէջէն, զորս Պարսիկներ բռնած էին (ՄՍՐ. 92), նշաւակ մնալով միշտ անոնց յարձակումներուն: Ասով մէկտեղ եւ շատ կորուստ ալ տալով Կրասովսքիի գունդը իջաւ Էջմիածինի դաշտը, բայց նոր յարձակում կրեց երբ Քասախի ջուրով երկարատեւ ծարաւը մարելու թափուած էր: Ոչնչացած կրնար համարուիլ սակաւաձեռն բանակը, զի 24 սպաներու եւ 1130 զինուորներու դիակներ սփռուած էին ճամբան եւ դաշտին երեսը, 200 հոգի գերի ինկած էին, եւ մնացածները մեծաւ մասամբ վիրաւորուած էին: Թէպէտ Պարսիկներուն կորուստը հնգապատիկ առաւելեալ էր (ՄՍՐ. 95), բայց անոնք 12000-ի բանակ մըն էին (ՄՍՐ. 92): Բնաջինջ եղած կ՚ըլլար ռուս գունդը, եթէ Էջմիածինի կողմէ օգնութեան գունդեր չերեւային, որոնց առջեւ Պարսիկներ ետ քաշուեցան եւ կոտորածը դադրեցաւ, եւ Աշտարակի պատերազմը, թէպէտ մեծ զոհողութեամբ, յաջող ելք ունեցաւ: Յաջողութեան պատճառներուն մէջ պէտք է յիշուի Երեւանցի Յակոբ Յարութիւնեանց, թնդանօթաձիգ սպայ Պարսից ծառայութեան մէջ, որ աղիտաբեր ժամուն իր զգացումներուն տեղի տալով, իրեն յանձնուած թնդանօթին բերանը Պարսիկներուն վրայ դարձնելով զանոնք շփոթեց, եւ ռուսական մնացորդին պատեհ ընծայեց զինքն ազատելու: Յակոբ, թէպէտ փախաւ, բայց Պարսից ձեռքն ինկաւ. աչք, քիթ, շրթունք, ականջ եւ կրունկ կորսնցուց, բայց կեանքը մնաց, սողալով ճամբայ ելաւ, Էջմիածին հասնիլ յաջողեցաւ, եւ ռուսական կառավարութենէն պարգեւով եւ կենսաթոշակով վարձատրուեցաւ (ԵՐՑ. Ա. 293):

2402. ՎԱՐՁՔ ԵՒ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆ

Պարսիկներու հեռանալովը Էջմիածինի պաշարումը վերցուեցաւ: Ներսէս եւ միաբանութիւն, որ պատերազմի ժամերուն մայր տաճարին մէջ հաւաքուած եւ Ս. Գեղարդը մէջտեղ դրած աղօթքի էին կեցած, ուրախութեամբ բացին վանքին դուռները եւ խնդութեամբ ողջունեցին Աշտարակի պատերազմին մնացորդները, որ իրաւամբ նշանաւոր յաղթութեանց կարգն անցած է, նկատելով Կրասովսքիի յանդուգն ձեռնարկը եւ առաջն առնուած վտանգին մեծութիւնը: Պասքեւիչ միայն իր չարանախանձ զգացումներով ջանաց յաղթութիւնը պարտութիւն ցուցնել եւ Կրասովսքին ու Ներսէսը պատասխանատու ներկայել, բայց Նիկողայոս կայսր խոհական կշռադատութեամբ, Կրասովսքիի համարձակ եւ յաջող ձեռնարկութիւնը հրամայեց դասել Ռուսաց քաջ զօրաց նշանաւոր մեծագործութեանց կարգում, եւ զինքն ալ Ս. Վլատիմիրի երկրորդ աստիճանի շքանշանով վարձատրեց (ԵՐՑ. Ա. 296): Էջմիածնի աթոռին կողմէն Եփրեմ կաթողիկոսն ալ գնահատելով Աշտարակի պատերազմին նշանակութիւնը, 1831-ին արտօնութիւն խնդրեց Էջմիածինէ չորս մղոն հեռաւորութեամբ արձան մը կանգնել 1827 օգոստոս 17-ին ինկողներուն յիշատակին: Կոմպանէյսքի ճարտարապետ նախագիծ մը պատրաստեց, եւ Եփրեմ 1831 դեկտեմբեր 24-ին, թէպէտ հրաժարած, խնդրանքը կրկնեց. արտօնութիւնը ստացուեցաւ, 1833 Մայսի 9-ին հիմնարկէքը օրհնուեցաւ, եւ 1834-ին շինութիւնը աւարտեցաւ եւ օրհնուեցաւ Եփրեմ եւ Յովհաննէս կաթողիկոսներու ներկայութեամբ, եւ անկէ ի վեր ամէն օգոստոս 17-ին միաբանութեան կողմէ հանդիսաւոր տարելից կը կատարուի յուշարձանին առջեւ (ԵՐՑ. Ա. 295):

2403. ՍԱՐՏԱՐԱՊԱՏԻ ԱՌՈՒՄԸ

Պասքեւիչ Նախիջեւանի կողմերը կը գտնուէր, եւ Թաւրիզի վրայ երթալու մտածումներով կ՚օրօրուէր, երբ լուր առաւ Էջմիածինի շուրջ կատարուած իրողութեանց վրայ: Օգոստոս 17-ին լուր ստացաւ եւ նոյն օրը ճամբայ ելաւ դէպի Էջմիածին. սեպտեմբեր 3-ին Գառնի հասաւ, եւ սեպտեմբեր 5-ին ուշ ատեն հանդէսով Էջմիածին մտաւ, բայց դառնացած սիրտով, զի նշանաւոր գործ մը կատարուած էր առանց իրեն: Սեպտեմբեր 6-ին Կրասովսքին հարցուփորձի ենթարկեց եւ չքաշուեցաւ յայտարարել, թէ աւելի լաւ էր թողնել թշնամուն առնել Էջմիածինը, քան թէ նորա ազատութեան համար զօրքը վտանգի մէջ գցել: Իսկ Ներսէսի մասին սպառնացաւ. Ես մի լաւ կը ներկեմ պարոն արքեպիսկոպոսին որ նա չհամարձակուի սխալների մէջ գցել բանակը: Պասքեւիչ աւելի առաջ չգնաց, զի կը զգար թէ տակաւին պէտք ունէր երկուքին ալ օգնութեան 2397), այլ ուզելով օգուտ քաղել Պարսիկներու շփոթութենէն, սեպտեմբեր 9-ին ուղեւորեցաւ Սարտարապատի վրայ, որ նոր ամրացուած էր եւ Հասան խանի հրամանատարութեան ներքեւ էր: Շահրիար հանելով Պասքեւիչ փոքր գունդով մը Ներսէսը Կողբի կողմերը ղրկեց հաց ճարելու իրեն ընկեր տալով Սուխտէլէն զօրավարը իր գունդովը, իսկ ինքը մեծ բանակով ուղղուեցաւ դէպի Սարտարապատ, Կրասովսքին ալ իբր օգնական տանելով: Ներսէս Երասխը անցաւ, Պարսիկներուն ձեռքէն քանի մը հազար բեռ ցորեն ու գարի խլեց, եւ Աշտարակէ, Օշականէ ու Փարաքարէ բռնի տարուած քանի մը հարիւր հայ ընտանիքներն ալ միասին առնելով սեպտեմբեր 12-ին Պասքեւիչի միացաւ: Պասքեւիչ պարտաւորուեցաւ նորէն Ներսէսի դիմել որ Սարտարապատի Հայերը անձնատուր ըլլալու յորդորէ: Նոյն սեպտեմբեր 12-ի թուականով Քեալակարխ գիւղէն ազդու գրաւոր կոչ մը յղեց Ներսէս Հայոց բնակելոց ի Սարտարապատ ի մէջ բերդին (ԵՐՑ. Ա. 300), եւ 13-ին կանոնաւոր պաշարումը սկսաւ, եւ գործը Կրասովսքիի յանձնուեցաւ: Պարսիկները արդէն սոսկումի ենթարկուած էին ռուսական արշաւանքին հանդէպ, նոյն ինքն Ապպաս Միրզա ալ Ղարաղալա բերդը թողած դէպի Մակու կը փախչէր (ԵՐՑ. Ա. 300): Սեպտեմբեր 18-ին սկսաւ Սարտարապատի ռմբակոծութիւնը, որ 19-ին ալ շարունակեց, Հայեր Հասան խանին դիմեցին դիմադրութեան անօգուտ ըլլալը եւ անձնատուր ըլլալու պէտքը զգացնելով, իսկ նա գիշերայն բերդէն փախաւ եւ Երեւան ապաւինեցաւ, եւ որչափ ալ հայու մը ազդարարութեամբ ռուս վաշտ մը ետեւէն գնաց, բայց չյաջողեցաւ հետքը գտնել եւ ձերբակալել: Սեպտեմբեր 20-ին Հայեր բերդին դուռները բացին, եւ Պասքեւիչը եկեղեցական հանդիսաւորութեամբ դիմաւորեցին, զանազան կողմերէ հոն բերուած գերիները ազատեցին եւ խնդութեան տօն կատարեցին (ԵՐՑ. Ա. 302):

2404. ԵՐԵՒԱՆԻ ԱՌՈՒՄԸ

Սարտարապատի մէջ հայ եւ ռուս պահապաններ թողլով, Պասքեւիչի բանակը Երեւանի վրայ քալեց, 23-ին Էջմիածին հասաւ, եւ 25-ին Երեւանի ռմբակոծութիւնը սկսաւ, եւ նորէն Ներսէսի դիմում եղաւ Հայոց ձեռքով քաղաքին անձնատուութիւնը պատրաստելու: Ներսէսի յորդորական յայտարարութիւնները հետզհետէ յաջորդեցին հայ կտրիճներու ձեռքով, որոնցմէ մէկը Աստուածատուրեան անուն Պարսից ձեռքը ինկաւ եւ թնդանօթի բերանը կապուելով յօշոտուեցաւ, իսկ Ռուսաց կողմէն այրիին կենսաթոշակ կապուեցաւ: Հայեր, թէ տեղացիներ, թէ 12000-ի չափ ուրիշ կողմերէ բերուածներ, եւ թէ Էջմիածինի միաբանութեան մի մասը, Հասան խանը անձնատուր ըլլալու կը թախանձէին, մանաւանդ սեպտեմբեր 30-ի գիշերուան 40 թնդանօթներու կրակին վրայ: Հասան խան կը մերժէր եւ կը սպառնար, այլ վերջապէս կոտորուող ժողովուրդը ինքն առաջ անցաւ, պարիսպներուն վրայէն ճերմակ թաշկինակներով նշաններ տուաւ, եւ հոկտեմբեր 1-ին, Եօթանասնից տօնին շաբաթ առտուն քաղաքին դուռները բացուեցան, Ռուսեր մտան, երեք ժամ թալան եղաւ, աւելի Պարսից թաղերը, Հասան խան եւ ուրիշ վեց եօթը խաներ եւ 4000 պարսիկ գլխաւորներ գերի ինկան: Հոկտեմբեր 2 կիրակի առտու, Երեւանի պարսպի առաջ, Պասքեւիչի եւ բոլոր ռուսական բանակի ներկայութեամբ, Ներսէսը մեծ հանդիսով գոհաբանական մաղթանք կատարեց (ԵՐՑ. Ա. 304), եւ ռուսական տիրապետութիւնը հռչակուեցաւ, եւ թնդանօթներ գոռացին, եւ Էջմիածին ու Երեւան հայկական նահանգ եղան ռուսական իշխանութեան ներքեւ: Բաւական յօդուածներ նուիրեցինք 2390-է սկսելով) պատերազմական վերջին գործողութեանց վրայ, եւ որչափ ալ պատերազմական մանրամասնութիւնները օտար համարած էինք մեր նպատակէն, սակայն Մայրաթոռոյ շուրջը դարձող եւ անոր ապագայ բախտը որոշող գործողութիւններ, ինչ տեսակ ալ ըլլան, պէտք էր որ եկեղեցական անցից կարգին իրենց տեղն ունենային: Այսուհետեւ կարող ենք մեր սովորական ոճին դառնալ:

2405. ԹԻՒՐՔՄԷՆՉԱՅԻ ԴԱՇՆԱԳԻՐԸ

Պասքեւիչ գրեթէ ակամայ ետ դարձած էր Թաւրիզի արշաւանքէն 2403), ուստի Երեւանի գրաւումը լրացուցածին պէս, Կրասովսքիի ու Ներսէսի յանձնեց քաղաքին եւ երկրին կառավարութիւնը (ՄՍՐ. 102), եւ ինքն հոկտեմբեր 6-ին մեկնեցաւ Թաւրիզի արշաւանքին: Բայց մինչեւ որ ինքն հասնէր, զօրավար իշխան Երիստով եւ գնդապետ Նիկողայոս Մուրավիէվ, որ Նախիջեւանի պաշտպանութեան էին թողուած, պարտաւորուած Ապպաս Միրզայի հետ պատերազմի բռնուեցան, որ իրենց վրայ կու գար, Երասխը անցան, արքայորդին հալածեցին, հոկտեմբեր 2-ին Մարանդ մտան, եւ անոր Թաւրիզ մուտքը արգիլելու համար, յաղթական գնացքը շարունակեցին, 12-ին Թաւրիզի առջեւը հասան, 13-ին քաղաքը անձնատուր եղաւ եւ ռուս բանակը հանդէսով ներս ընդունուեցաւ: Պասքեւիչ դեռ ճամբան էր, եւ միայն 16-ին Մարանդ հասնելով եղելութիւնը լսեց, եւ թեթեւ հեծելագունդով առջեւ անցաւ, եւ 19-ին յաղթական մուտք գործեց վեց օր առաջ գրաւուած Թաւրիզը, կրկին դառնացեալ սիրտով, զի առանց իրեն լրացած էր փառաւոր գործը: Որչափ ալ Երիստովի եւ Մուրավիէվի շքանշաններուն համար միջնորդեց, սակայն երկուքն ալ հեռացուց, Երիստովը Տփղիս եւ Մուրավիէվը Ռուսաստան (ԵՐՑ. Ա. 306): Թաւրիզէ հեռացուեցաւ նաեւ Վրաց արքայազն Աղեքսանդրի ամուսին եւ Երեւանի մելիք Սահակ Աղամալեանի դուստր, 23 տարեկան, զարմանալի գեղեցկութեան տէր իշխանուհի Մարիամը, վասնզի Աղեքսանդր Վանայ մէջ Ռուսաց դէմ հրոսակ կը կազմակերպէր, եւ Մարիամ մեծ ազդեցութիւն ունէր բոլոր Ատրպատականցոց, մանաւանդ Հայոց վրայ, եւ կրնար ռուսական ազդեցութեան դէմ գործել: Մարիամի հետ Երեւան յղուեցաւ նաեւ իր փոքրիկ զաւակը Հերակլ (ԵՐՑ. Ա. 307), որ վրացի արքայազուններուն վերջինն եղաւ: Պարսիկներ զգացին հաշտութիւն կնքելու հարկը, եւ Պասքեւիչ եւ Ապպաս Միրզա բանակցութիւնները կատարեցին Տէյկարկան (ՄՍՐ. 105) կամ Տէրկայխան (ԵՐՑ. Ա. 307) գիւղը, պայմաններ որոշուեցան եւ զօրահանդէս ալ կատարուեցաւ (ՄՍՐ. 107): Բայց Ֆէթհալի շահ չյօժարեցաւ քսան միլիոն ռուբլի տուգանքին վճարման, ու Հայերու եւ օտարազգիներու մինչեւ տարի մը Պարսկաստանէ գաղթելու ազատութեան պայմաններուն (ՄՍՐ. 105): Ուստի թշնամութիւնները վերսկսան, եւ Ռուսեր հետզհետէ գրաւեցին Խոյ, Սալմաստ, Մարաղա, Ուրմիա եւ Արտաւիլ. եւ երբ Թեհրանի առջեւ երեւցան, Ֆէթհալի ալ խոնարհեցաւ, եւ 1828 փետրուար 10-ին, Թեհրանի մօտ Թիւրքմէնչայ գիւղը ստորագրուեցաւ եւ կնքուեցաւ ռուս-պարսկական դաշնագրութիւնը (ԵՐՑ. Ա. 308). Ռուսերը Երեւանի եւ Նախիջեւանի խանութիւններէն դուրս գրաւած պարսկական գաւառներէն պիտի ելլային, միայն Ուրմիան, Խոյն ու Մակուն աւանդ պահեցին, մինչեւ տուգանքին ամբողջական վճարումը (ՄՍՐ. 106):

2406. ՀԱՄԱԿՐԱԿԱՆ ՆՇԱՆՆԵՐ

Թէպէտ վերջնական հաշտութեան կնքուիլը Թաւրիզի առնուելէն ետքը չորս ամիս ուշացաւ, 1827 հոկտեմբեր 13-էն մինչեւ 1828 փետրուար 10 (ԵՐՑ. Ա. 322) եւ կայսերական վաւերացումը մնչեւ մարտ 20 (ԵՐՑ. Ա. 322), սակայն առջի օրէն Հայեր գործը լրացած սեպեցին, եւ կարգադրութեանց եւ կարեւոր իրողութեանց զբաղեցան, իբրեւ թէ արդէն ռուսական կառավարութեան հպատակ հռչակուած ըլլային: Նոյեմբեր 26-ին Էջմիածինի մէջ ալ Սիւնհոդոսի փոխարէն ժամանակաւոր կառավարութիւն հաստատուեցաւ Ներսէսի տնօրէնութեամբ, եւ նոր պարագաներու յարմար կանոնագրութեամբ (ԴԻՒ. Բ. 241): Ռուսներն ալ միեւնոյն տեսակէտէն կը գործէին, եւ փոխադարձաբար իրար շահելու եւ համաձայնութիւն աճեցնելու կ՚աշխատէին: Թաւրիզի արշաւանքին չսկսած` Պասքեւիչ ուզած էր իրեն հետ հայ աստիճանաւոր մըն ալ ունենալ, եւ զայն գործի անցընելով օգտուիլ. եւ այս նպատակին յարմար դատած էր իշխան Յովակիմ Լազարեանցի կրտսեր որդին Ղազարոսը (ԵՐՑ. Ա. 312), կամ իր ստորագրութեան հետեւողութեամբ` Եղիազար Եղիազարեանցը (ԵՐՑ. Ա. 314), իսկ ռուսական կոչմամբ` Լազար Եաքիմովիչը, որ զինուորական ծառայութեան մտած էր, եւ 1826-ին դեռ 28 տարեկան կայսերական թիկնապահ գունդին մէջ գնդապետութեան բարձրացած էր: Թաւրիզի առումէն ետքը քաղաքապետ անուանուեցաւ, եւ մեծապէս նպաստեց ռուսական ազդեցութեան, եւ հայութեան ալ, զի ազգասիրութեամբ տոգորուած էր Ներսէսի նման (ԵՐՑ. Ա. 310): Պասքեւիչ որչափ եւ Ներսէսի համակիր չէր, այլ չկրցաւ անոր ծառայութիւնները ծածկել, եւ կայսեր առջեւ անոր վարձատրուելուն միջնորդեց, եւ Նիկողայոս կայսր Աղեքսանդր Նեւսքի բարձրագոյն կարգին առաջին աստիճանի շքանշանը շնորհեց 1828 յունուար 26-ին յոյժ դրուատական հրովարտակով մը (ԵՐՑ. Ա. 318): Ներսէսի գաղափարն եղաւ նաեւ Հայերը Պարսկաստանէ Ռուսաստան գաղթել տալը, զոր գնդապետ Լազարեանի ձեռքով Պասքեւիչի թելադրեց (ԵՐՑ. Ա. 314), եւ ուղղակի ալ գրեց (ԵՐՑ. Ա. 319), եւ Ստեփանոս Ենովքեան եպիսկոպոսը եւ Նիկողայոս Արցախեցի վարդապետը յատկապէս Պարսկաստան յղեց, որ Հայերը համոզեն անմիջապէս գաղթելու. քանի որ ռուս գունդերը հեռացած չեն (ԵՐՑ. Ա. 320): Պասքեւիչ կ՚ուզէր Հայերէն որ 1500 կամ 2000 հոգի մշտական զինուոր գրուին, եւ Պարսիկներէ առնուած բերդերուն պահպանութեան յատկացուին, իբրեւ օդին եւ երկրին վարժուած անձեր: Մենք գիտենք թէ որչափ մօտ էր Ներսէսի միտքին Հայերուն զինուորագրութիւնը 2397): Այս եւ ուրիշ նմանօրինակ պարագաներ կը հաստատեն ինչ որ վերեւ ըսինք, համակրութիւն աճեցնելու համար եղած ջանքերուն մասին, զի մինչեւ իսկ Մասիսով, Տապանով, Դաստառակով եւ այլ հայկական նշաններով զարդարուած դրօշակ տրուեցաւ հայագունդին (ՄՍՐ. 111), եւ նոր առնուած երկիրները Հայկական նահանգ կոչուեցան, եւ Հայաստանի անունը կայսեր տիտղոսներուն աւելցաւ (ԵՐՑ. Ա. 322): Սոյն կարգին կրնանք աւելցնել 1828 յունուար 6-ին, Ներսէսի հանդիսադրութեամբ, ռուս զօրավարներու եւ գունդերու ներկայութեամբ, եւ հայ ու ռուս եկեղեցականներու ընկերակցութեամբ Հրազդանի վրայ կատարուած մեծահանդէս ջրօրհնէքը (ՄՍՐ. 113-115):

2407. ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԿԱՐԳ

Այստեղ կ՚ընդհատենք Մայրաթոռոյ շուրջը կատարուած անցքերը, ուր նոր կեանք եւ նոր կացութիւն մը կը ստեղծուէր տիրող պետութեան փոխուելովը: Հնար չէ ժամանակագրական դրութեան կատարեալ ճշտութեամբ հետեւիլ, երբոր նիւթերու կապակցութիւնը կը պահանջէ սկսուած իրողութիւնները իրենց ամբողջութեան մէջ ներկայել: Ասոր հետեւանքն եղաւ որ ստիպուեցանք ռուս-պարսկական յարաբերութեանց եւ պատերազմաց շարքը մինչեւ 1828-ի հաշտութեան դաշնագիրը հասցնել, եւ այժմ ետ կը դառնանք արեւմտակողման ազգայնոց անցքերը պատմելու, զորս ետեւ թողած ենք, Երուսաղէմինը 1810-ին, իրաւանց խնդիրներուն պետական վճիռին 2320), եւ Կոստանդնուպոլսինը 1820-ին, միաբանական աղմուկներուն ցաւալի վախճանին 2376): Կարգը կը պահանջէ ուրեմն որ նախապէս Երուսաղէմի իրողութեան դառնանք:

2408. ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀՐՈՎԱՐՏԱԿԸ

Ըսեր էինք թէ Հայերու եւ Յոյներու միջեւ յուզուած եւ արտասովոր դատարաններու յանձնուած սաղիմական խնդիրը, իր որոշման յանգած եւ Սուլտանին հաւանութեան ներկայացուած էր, այլ թէ ատեններ անցան մինչեւ որ վերջնական հաստատութիւնը ստացուէր 2320): Իրօք ալ 1810 մայիս 29-ին կայսեր մատուցուած որոշմնագիրը` հրովարտակաց դիւանին յանձնուելէն ետքը, 1811 յունիս 2-ին երկու միօրինակ պաշտօնագիրներու վերածուելով Սուլտանին ղրկուեցաւ (ԱՍՏ. Բ. 218), որոնք հազիւ 1812 դեկտեմբեր 13-ին արքունական ձեռագրով վաւերացան եւ կառավարական դուռ յղուեցան, եւ ամիս մը ետքը, 1813 յունուար 13-ին, կայսերական նոր հրամանի վրայ, առանց բացէն պարգեւի, Հայոց եւ Յունաց յանձնուեցան, ճիշդ առաջին որոշումէն 31 ամիս ետքը: Հրովարտակը կը կրէ հիճրէթի 1228 մուհարրէմ 1 թուականը, որ կը պատասխանէ անոր Դուռ ղրկուելու թուականին: Ուրախութեամբ օրհնեցին Հայք զԱստուած եւ զարքայն արդարասէր, նպաստաւոր հրովարտակ ընդունելնուն համար, բոլոր պետական դիւանները արձանագրել տուին, եւ պատճէնները հանելով ամէն հայաբնակ կեդրոններ հաղորդեցին (ԱՍՏ. Բ. 221): Ուրախութեան մեծ պատճառն այն էր որ հիմէն կը քանդուէր Յոյներէ պատրաստուած Հայերը բոլորովին զրկելու ամբարտակը, եւ կը ջնջուէին Յոյներուն ձեռք ձգած սխալ հրովարտակները 2308), եւ միանգամ ընդ միշտ Հայեր սուրբ տեղեաց մէջ սեփականութեանց եւ իրաւանց տէր կը հռչակուէին անդառնալի կերպով: Որովհետեւ հրովարտակը կը հրամայէր որ նախընթացները ոյժ չունենան, եւ այլ եւս վասն սոցին իրաց մի' լիցի երբեք խռովութիւն ի միջի Հայոց եւ Յունաց ի պատճառս որ եւ իցէ իրաց. յինչ եւ իցէ ժամանակս, եւ եթէ լիցի, երբեք ունկնդրութիւն մի' լիցի (ԱՍՏ. Բ. 228): Ապա թէ ոչ ինչ որ վերջին հրդեհէն ետքը 2315), նոր շինութեանց առթիւ Յոյներ իւրացուցած, եւ Հայոց սեփականութիւններէն փոփոխած եւ խլած էին, իրենց նոր կացութեան մէջ կը պահուէին Յոյներու նպաստաւոր հետեւանքով: Հրովարտակը կը հրամայէր եւս որ մի' ոք համարձակեսցի ամբաստան լինել վասն շինութեան, զի յայսմ նուագի շինութիւնն տուաւ ազգին Յունաց, եւ ընդհանուր նորոգութիւն նոցին ձեռամբ եղեւ, իբր զի վասն շինութեան եւ նորոգութեան ոչ ոք ունի իրաւունս լինել ձեռնամուխ, այլ միայն թագաւորական բարձր կամեցողութեան սեփական է, եւ ըստ ներելոյ Շէրիի օրինաց, յորժամ նորոգութեան պէտս ունի ըստ առաջին ձեւոյն, առ որ կամիմ, կ՚ըսէ, ի հպատակաց տէրութեանս, նմա յանձն առնելով կատարի (ԱՍՏ. Բ. 227):

2409. ՀՐՈՎԱՐՏԱԿԻՆ ՔԱՂՈՒԱԾԸ

Հրովարտակին ամբողջութիւնը առջեւնիս ունինք, թէ բնագրական լեզուով (ՍԱՒ. 1063-1076) եւ թէ թարգմանութեամբ (ԱՍՏ. Բ. 222-228), որով կրնանք անոր պարունակութիւնը վերլուծել: Հասցէն ուղղուած է Դամասկոսի կուսակալ Սիւլէյման փաշային եւ Երուսաղէմի դատաւորին, իբր քաղաքական եւ կրօնական իշխանութեանց պետերու, եւ բոլոր յարաբերութիւն ունեցող իշխանաւորներու: Հրովարտակը կը սկսի պատմական կերպով թէ Եավուզ սուլտան Սէլիմ երբոր հիճրէթի 923 սէֆէր 25-ին յաղթանակաւ Երուսաղէմ մտաւ Հայոց Սարգիս պատրիարքը զայն դիմաւորած եւ խալիֆա Էօմէրէն եւ սուլտան Սէլահէտտինէն տրուած իրաւունքներուն հաստատութիւնը խնդրած է, եւ ըստ այնմ Սէլիմ հրովարտակ մը տուած է 1594), որ ամբողջաբար յառաջ կը բերուի նոյն օր Յոյներու Աթալիա պատրիարքին դիմումը եւ անոր ալ տրուած հրովարտակը, միայն թէ նախ Հայոց եւ ապա Յունաց հրովարտակները յառաջ բերուած են: Յետոյ կը պատմուի թէ խռովութիւններու ատեն ոմանք տուեալ են հրովարտակս հակառակ իմաստիւք երկուց կողմանց (ԱՍՏ. Բ 225), եւ թէ վերջին հրդեհին վրայ հարկ եղած է յատուկ ատեան կազմել բարձր պաշտօնակալներէ մեծ դենպետին նախագահութեամբ, եւ ապա ատեանին ներկայացած են երկու կողմերու պատգամաւորները, որոնց ամենուն ալ անունները կը յիշուին, եւ յատկապէս Հայերէն երկու եկեղեցականներ` Պօղոս եւ Դիոնեսիոս եւ ութը աշխարհականներ: Ատեանը հիմ ընդունած է Սէլիմի հրովարտակները, եւ որոշած է որ Ս. Յարութեան տաճարին մէջ երկու ազգեր բաժանորդութեամբ պաշտօնավարեն պայմանաւ առաջնութեան պատրիարքին Յունաց, ուրիշ տեղեր ալ անախութեամբ եւ ընկերակցութեամբ վարուին ըստ առաջնոյն: Երեք մասնաւոր խնդիրներ ալ յարուցած են Հայերը, Ս. Յարութեան մէջ բնակութեան տեղերուն, եւ հետեւակ ազգերուն, եւ նորոգութեանց ատեն մուծուած փոփոխութիւններուն վրայ: Ասոնց մասին ալ որոշուած է, բնակութեան տեղերը կարգադրել ըստ առաջնոյն, հետեւակ ազգերուն համար նոր քննութիւն կատարել Երուսաղէմի մէջ, իսկ փոփոխութեանց մասին խնդիրները կարճել, նորոգութիւնը իբր արքունական իրաւունք նկատելով: Եւ այսպէս, կ՚ըսէ հրովարտակը, բոլորովին բարձաւ խռովութիւնն եւ տեղի ետ ատելութիւնն (ԱՍՏ. Բ. 228), որ է ըսել թէ Հայեր գլխաւոր կէտերը շահուած տեսնելով, մանր վնասներուն մասին յանձն առին լռել եւ նոր խնդիր չյուզել: Այս դրութիւնն է որ կը տիրէ. այն օրէն ի վեր դար մը լրացած է եւ մեծ վէճեր չեն նորոգուած եւ յարաբերութիւնները օրէցօր քաղցրացած են, թէպէտ մասնաւոր արարողութիւններու կամ տեղերու կամ անձերու մասին` ըստ ամենայնի համամտութիւն դեռ չի տիրեր, մանաւանդ Բեթղեհէմի Ս. Ծննդեան տաճարին եւ այրին շուրջը:

2410. ԻՆՉ ԻՆՉ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՔ

Սէլիմեան հրովարտակին մէջ յիշուած սեփականութիւններն եւ իրաւունքները, որչափ եւ բաւական մանրամասնեալ, սակայն հնար չէր որ ամէն փոքրիկ պարագայ յիշուէր, ուստի մի մասը ընդհանուր բացատրութիւններու ներքեւ պէտք է իմանալ: Ս. Յարութեան տաճարին մէջ Հայոց համար յիշուածներն են, Ս. Գերեզմանը ընկերովի, իսկ անկախաբար տաճարին դրան առջեւ երկու աշտանակ եւ կանթեղներ, որոնք են Պատանատեղւոյն քովերն ու վրան. Գերեզմանին դուռն ու ներսը կանթեղներ եւ խունկ եւ մոմ. լուսահանութիւնը Գերեզմանին մէջէն եւ թափօր շուրջը. մեծ դրան վրան եւ քովը սենեակներ եւ տեղեր, որ է երկրորդ Գողգոթան եւ տեսչարան, ուրիշ խորաններ եւ ուխտատեղիներ ալ, ինչպէս են Իւղաբեր Կանանցը, Հանդերձի բաժանմանը, Յովսէփ Արեմաթացւոյնը, եւայլն, ջրհոր մը ներսը, եւ երկու ծանօթ պատուհաններ դէպի դուրս: Երուսաղէմի մէջէն յիշուած են Ս. Յովհաննէս եկեղեցին` Ս. Յարութեան արտաքին բակին վրայ, Ս. Հրեշտակապետը, Ս. Փրկիչը` Յիսուսի բանտ անունով ծանօթ, եւ Ս. Աստուածածնի գերեզմանը, այս վերջինը ընկերովի: Իսկ Ս. Յակոբ յիշուած է իբր կեդրոն, ուր կը նստի Հայոց պատրիարքը, բոլոր սեփականութեանց եւ իրաւանց տէրը կամ վարիչը: Բեթղեհէմի մէջ յիշուած են, այրը եւ տաճարին հիւսիսային դրան բանալին, որ Հայոց յատուկ բաժինին դուռն է, եւ սենեակներ եւ հիւրանոցներ, եւ գերեզմաններ եւ այգիներ եւ պարտէզներ եւ ձիթաստաններ: Իբր Հայոց հետեւակ ընդունուած են Եթովպացիներ կամ Հապէշներ, Եգիպտացիներ կամ Ղփտիներ, եւ Ասորիներ կամ Սիւրիանիներ: Առանձինն յիշուած է եւ Նապլուս կամ Նէապոլիս, որ է հին Սիւքէմը, բայց այժմ այնտեղ հայ սեփականութիւն չկայ: Իբր ընդհանուր ազատութիւններ կամ արտօնութիւններ կը նշանակուին, Երուսաղէմի մէջը եւ դուրսը գտնուող եկեղեցիներու եւ վանքերու եւ ուխտատեղիներու ազատ կիրառութիւն ունենալ, աթոռոյ կառավարութեան եւ մատակարարութեան մէջ հակառակութիւն չկրել, ամէն աստիճանէ պաշտօնեաներ անուանել եւ հրաժարեցնել եւ փոփոխել, կալուածական գործերը ազատօրէն կատարել, հանգուցեալ միաբաններու թողօնները ժառանգել, Յորդանան եւ հանդիսավայրեր ըստ հաճոյս երթեւեկել, այս ամէնը հաւասարաբար տարածուած բոլոր հայ ազգայիններու եւ հետեւակ ազգերու վրայ, առանց արգելք տեսնելու որեւիցէ կողմէ, նոյնիսկ կայսրներէ եւ կայսերազուններէ եւ նախարարներէ եւ ամէն աստիճանէ պաշտօնակալներէ: Յոյներու տրուած հրովարտակին մէջ ալ ստացութիւններ եւ իրաւունքներ մի առ մի յիշուած են, զորս քաղել աւելորդ կը դատենք. միայն դիտել պիտի տանք, որ Ս. Յարութեան բակին Ս. Յովհաննէս եկեղեցիին, եւ Յիսուսի բանտի կամ Փրկիչի եկեղեցիին, եւ Բեթղեհէմի տաճարին հիւսիսային դրան յիշատակութիւնները, եւ Եթովպացիներուն իբրեւ Յունաց հետեւակ ցուցուիլը, պարզ շփոթութիւններ պէտք է նկատուին, զի անցելոյն մէջ Յոյներ երբեք այդպիսի իրաւունքներ օրինապէս վայելած չեն, եւ շփոթ ժամանակաց խառնակ գործեր իրաւունքի հիմ չեն կազմեր:

2411. ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՊԱՇՏՕՆԵԱՆԵՐ

Հրովարտակները Կ. Պոլսոյ մէջ յանձնուեցան, եւ ինչպէս տեսնուեցաւ, ինչ ինչ կէտեր Երուսաղէմի մէջ պիտի քննուէին, եւ գլխաւորապէս պէտք էր նոյնիսկ որոշուած կէտերն ալ տեղւոյն վրայ ճշդել եւ գործադրել, զի Յոյներ շատ բան նորոգութեանց առթիւ շփոթած եւ խառնակած էին, եւ Հայեր հրդեհէն ի վեր իրենց սեփական տեղերը կորսնցնելով արարողութիւններէ եւ պաշտամունքէ իսկ արգիլուած էին, կանթեղներ եւ աշտանակներ եւ պատկերներ եւ այլ սպասներ նորէն պիտի դրուէին: Այդ նպատակին համար անհրաժեշտ էր որ յատուկ պաշտօնեաներ որոշուէին կառավարութեան կողմէն, քանի որ Հայեր վստահութիւն չունէին Երուսաղէմի մէջ գտնուողներուն վրայ: Վերջապէս Հայեր յաջողեցան այդ պաշտօնին անուանել Պաշմաքճիզատէ Զէքի էֆէնտին, սուրբ քաղաքաց քննիչներու դասակարգէն. բայց ան չկրնալով Կ. Պոլիսէ հեռանալ, պաշտօնը վրան մնալով, փոխանորդ անուանուեցաւ Մէհէմմէտ Նուրի էֆէնտի, մայրաքաղաքի դատարանին ատենադպիրը, եւ օգնականներ տրուեցան Ռաշիտ Մուստաֆա էֆէնտի իբր ոստիկանապետ, եւ Սէիտ Մուհամմէտ էֆէնտի իբր ճարտարապետ: Հայեր գործին ամէն կերպ դիւրութիւն ընծայելու պատրաստ, պատգամաւորութեան ճանապարհածախսը տուին, եւ հիճրէթի 1224-ին տրուած եւ վերջէն ջնջուած հրովարտակը ետ դարձուցին: Ուղեկիցներ եւ գործակիցներ ալ նշանակեցին, Եւդոկիացի Ստեփանոս եպիսկոպոսը, այն ինչ դարձած Կարնոյ նուիրակութենէն, եւ Գարթալցի Կարապետեան Դիոնեսիոս վարդապետը, գործին ամէն պարագաներուն հմուտ: Իսկ Ադրիանուպոլսեցի Պօղոս վարդապետը Կ. Պոլիսէ հեռացնել պատշաճ չդատուեցաւ, հակառակ Երուսաղէմէ յայտնուած բուռն թախանձանքներուն: Որոշուեցաւ նաեւ պատգամաւորութեան ընկերացնել մահտեսի Ադամ Գալֆան կամ ճարտարապետը, եօթը յաջողակ վարպետներով շինուածական աշխատութիւնները կատարելու եւ հսկելու համար: Իսկ Յոյներ բոլորովին հակառակ ընթացքի կը հետեւէին, յուսալով մեծ հրովարտակին գործադրութիւնը խափանել անուղղակի արգելքներով, եւ կամ զայն բոլորովին այլայլել տեղական պաշտօնեաները շահելով: Ուստի ոչ ճանապարհածախսը վճարեցին, ոչ ջնջուած հրովարտակը դարձուցին, այլ Երուսաղէմի դատաւոր Մուսա Մուսաննըֆ էֆէնտին եւ քաղաքապետ Ապտիւլքէրիմ էֆէնտին, եւ ուրիշ պաշտօնեաներ եւ գլխաւորներ առատ կաշառներով որսալու հետապնդեցին: Այսու ամենայնիւ պետական պատգամաւորութիւնը Կ. Պոլիսէ մեկնեցաւ 1813 մարտ 24-ին, եւ երկու օր առաջ ալ մեկնած էր Հայ ազգային պատգամաւորութիւնը: Երկուքը միացան Կիպրոս ապրիլ 11-ին. ազգային պատգամաւորութիւնը իրեն հետ առաւ պետականին կարասին եւ սպասաւորները, եւ Յոպպէի ճամբով Երուսաղէմ հասաւ ապրիլ 15-ին, եւ ամենայն ինչ հաղորդեց Թէոդորոս պատրիարքին եւ միաբանութեան, եւ ուրախութիւն պատճառեց: Իսկ պետական պատգամաւորներ Վերիտոնի ճամբով Դամասկոս ելան, հրովարտակն ու պարտ ու պատշաճը կուսակալին հաղորդեցին, արձանագրութիւնները կատարել տուին, եւ կուսակալէն հրահանգներ եւ Մէհմէտ էֆէնտի հսկող պաշտօնեան առնելով Երուսաղէմ հասան մայիս 10-ին: Պատգամաւորութեան օթարանն ու ծախքերն ալ խնդիրի նիւթ եղան: Տեղական իշխանութիւնը Հայոց եւ Յունաց վրայ կը ձգէր, իբր անոնց վերաբերեալ գործ, Յոյներ փախուստ կու տային գործը խափանելու դիտմամբ, մինչ առատ կը ծախսէին դատաւորն ու քաղաքապետը ու պատգամաւորները շահելու, որով Հայեր կը պարտաւորուէին ծանրութեանց ենթարկուիլ, եւ պատգամաւորները սպասաւորներով եւ գրաստներով վանքին մէջ հիւրընկալել, սենեակներ զարդարել, ուտեստը հոգալ, եւ ամէն կերպով հաճեցնել, իբր զի գործին խանգարուելէն վնաս կրողը իրենք պիտի ըլլային, եւ իրենց վրայ ծանրացող զրկումները պիտի շարունակէին, ինչ որ Յոյներուն յայտնի նպատակն էր:

2412. ԱՌԱՋԻՆ ԳՈՐԾԵՐ

Որչափ երկար եւ դժուարին եղաւ արքունական հրովարտակին ստացութիւնը, նոյնչափ ալ աշխատալի եւ փոթորկալից եղաւ անոր գործադրութիւնը, եւ 1813 մայիս 10-ին Երուսաղէմ հասնող պատգամաւորութիւնը տարւոյն մնացորդը ամբողջ այնտեղ անցուց, մինչեւ որ հրովարտակին գործադրական կերպարան մը տրուէր: Եղելութիւնները մանրամասնութիւններով եւ փոխադարձ խօսակցութիւններով ընդարձակօրէն պատմած են Երուսաղէմի վերջին պատմագիրները (ԱՍՏ. Բ. 229-328, ՍԱՒ. 1076-1121), զոր մենք քաղելով միայն առջեւ պիտի բերենք, բաւականանալով գործին ընթացքը ցուցնել: Յոյներ միշտ հրովարտակին գործադրութիւնը խափանելու յամառած, իրենց կամակատար գործիք ըրած էին Երուսաղէմի դատաւորը, որ բացարձակ կերպով կայսերական հրովարտակն ալ անարգելու, եւ իրեն դատաւորութեամբը գործը արմատէն քննելու եւ դատելու յաւակնութիւնը կ՚ունենար, իրեն ներքնապէս գործակից, բայց արտաքնապէս կեղծող նեցուկներն էին Երուսաղէմի քաղաքապետը եւ մայրաքաղաքէ եկող ոստիկանապետը, իսկ հրովարտակին ըստ ամենայնի գործադրութեան պաշտպանը` գործադիր պաշտօնէին փոխանորդ Նուրի էֆէնտին էր, իրեն համամիտ ունենալով Դամասկոսէ եկող ոստիկանապետը, որուն ճիշդ հրահանգներ տուած էր կուսակալը, Նուրի էֆէնտիէ լսած բացատրութեանց վրայ: Պետական ճարատարապետը նիւթական գործողութեանց պաշտօնեայ ըլլալով` իրաւանց խնդիրներէն զինքն հեռու կը պահէր: Առաջին գումարումը տեղի կ՚ունենար մայիս 20-ին, Յինանց վեցերորդ երեքշաբթին դատարանին մէջ, ուր կը կարդացուէին նոր պաշտօնագիրները, որոնցմէ դատաւորը կ՚ուզէր հետեւցնել թէ Աստուածածնայ գերեզմանին եւ Ծննդեան եկեղեցւոյն մէջ Հայեր ոչ մի իրաւունք չունէին: Յոյներէն կը պահանջուէր 1224-ին ջնջուած հրովարտակը ետ դարձնել, իսկ անոնք կը խուսափէին` Կ. Պոլիս գտնուիլը առարկելով, մինչ Կ. Պոլսոյ մէջ` Երուսաղէմ գտնուիլը առարկած էին, եւ դատաւորը կը ստիպուէր հրովարտակաց տոմարէն նոյնին պատճէնը պարունակող էջը պատռել, եւ հրովարտակը ջնջուած հռչակել: Միւս օր չորեքշաբթի, դարձեալ դատարանին մէջ կը գումարուէին հետեւակ ազգաց խնդիրը քննելու, եւ դատաւորը կ՚ընդդիմանար անոնց ներկայանալուն եւ կամքերնին յայտնելնուն, բայց անոնք իւրովի ատեան կ՚ելլէին, նախ Եթովպացիներ, յետոյ Եգիպտացիներ եւ Ասորիներ, եւ միշտ Հայոց հետեւակ եղած եւ նոյնպէս մնալ ուզելնին կը յայտարարէին: Դատաւորը բարուրանքներ կը յարուցանէր յայտարարութիւնը արգիլելու, բայց Նուրի զայն կ՚արձանագրէր եւ կը հաստատէր, հիմնուելով նաեւ տաճիկ դռնապաններու եւ ծերունի քաղաքացիներու վկայութեանց վրայ: Դատաւորը իբր թէ ատեան կը կազմէր դատը լսելու, բայց Հայեր իրենց դատին կայսերական ատեանին մէջ վերջացած ըլլալը յիշելով, դատ չունենալնին կը յայտարարէին:

2413. ԴԱՏԱՒՈՐԻՆ ԸՆԹԱՑՔԸ

Մայիս 22-ին, նոյնիսկ Համբարձման օրը, նիստ կը կազմուէր Ս. Յարութեան տաճարին մէջ, տեղերը չափելու եւ Յունաց ու Հայոց սահմանները ճշդելու, եւ պատկերներ եւ կանթեղներ զետեղելու համար: Դատաւորը Հայոց պահանջը արգիլելու համար, մինչեւ իսկ իսլամական օրէնքով պատկերներու արգիլեալ ըլլալը առջեւ կը դնէր, նոյնպէս հին եւ նոր չափերուն տարբերութիւնը ճշդել եւ հին սահմանները վերահաստատել չէր ուզեր, հրովարտակով այսպիսի բան հրամայուած չըլլալը պատճառելով, մինչ Հայեր պարզ արձանագրութիւն միայն կ՚ուզէին, զի կարենան ըստ այնմ նորէն Կ. Պոլիս դիմել: Նիստը կը կրկնուէր մայիս 24-ին շաբաթ օր, իսկ դատաւորը գործը խառնակելու համար յանկարծ կը մեկնէր, Յոյներուն ալ նոյնը խրատելով, եւ միանգամայն հրովարտակին պարունակութիւնը քննադատելով, եւ սխալ կարգադրութիւններ եղած ըսելով, եւ իրեն աւելի հմուտ եւ արքունեաց պաշտպանեալն ըլլալուն վրայ պարծենալով: Քանի մը օր պարապ կ՚անցնի, եւ 29-ին, Համբարձման դիմացի հինգշաբթին, նորէն նիստը կը նորոգուի, ուր Հայեր կը պահանջեն որ արտօնուին փոփոխուածները վերաշինել, կամ թէ խնդիրը Կ. Պոլիս տանիլ, եւ միանգամայն տաճարի աւելածութեան իրաւունքնին վերահաստատել, զի Լատինք եւ Յոյնք սկսած էին փոփոխակի կատարել հրդեհին արկածէն ի վեր: Խնդիր կը յուզուի նաեւ Պատանատեղին եւ Գերեզմանին շուրջը Հայոց կանթեղներուն թիւը լրացնելու. բայց դատաւորն այս անգամ ալ անպատեհ գործերով եւ խօսքերով կայսերական որոշումը կը նախատէր, եւ նորէն գործը կը լքանէր իրեն պաշտպանեալները զօրացնելու դիտմամբ: Հրովարտակին ամբողջական գործադրութեան պաշտպան եղողներ մտածեցին Դամասկոսի կուսակալէն նոր հրաման բերել տալ, եւ յատուկ պաշտօնեայն յունիս 6-ին կը մեկնէր, եւ 21-ին կը դառնար հրովարտակին ճշդիւ հնազանդելու խիստ հրահանգով: Պաշտօնէին բացակայութեան միջոցին կուսակալէն հասած գիր մը առիթ ընծայած էր դատաւորին նոր քննութիւններ բանալու զանազան կէտերու գլխաւորապէս Աստուածածնայ գերեզմանին եւ Ծննդեան այրին նկատմամբ, որոնց ճարտարօրէն դիմադրած էին Հայերը, միշտ պարապի հանելով դատաւորին խաբէական դարձուածները: Իսկ կուսակալութեան պաշտօնէին դառնալէն ետքը, նոր նիստ մը կը գումարուէր յունիս 22-ին դատարանին մէջ, բայց դարձեալ նախատանաց խօսքեր կը կրկնուէին, եւ դատաւորը չափազանցութեան կը տանէր լեզուն ու գործը, յուսալով այս կերպով ազդեցութիւն գործել:

2414. Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Մայրաքաղաքի պատգամաւորութեան գլուխը Նուրի էֆէնտի, կուսակալութեան պաշտօնէին հետ համախորհուրդ, կը ստիպուի դատաւորին զգացնել, որ հրաման ունին հրովարտակին դիմադրողները ձերբակալել եւ կառավարութեան յանձնել, եւ այս կը բաւէր դատաւորը մտահոգ ընել եւ զիջողութեան յորդորել: Բայց միանգամայն Հայոց կողմին կը յանձնարարէր ապահովել անոր ակնկալած օգուտը: Պաշտօնեաներն ալ Հայերը կը յորդորէին դիւրամատոյց լինել այդ պայմանին, միանգամայն ոչ ամէն խնդիր լուծելու հետամուտ ըլլալ, այլ մաս առ մաս յառաջել. մի մասը ապահովել եւ մնացեալը հետապնդել: Ասոր վրայ սկսան դատաւորին եւ Հայոց մէջ բանակցութիւններ եւ սակարկութիւններ, մինչեւ որ միջասահման կէտի մը վրայ իրարու մօտեցան, եւ գիրեր փոխանակուեցան, Թէոդորոս պատրիարքի կողմէն վճարման խոստումով, եւ դատաւորին կողմէ Հայոց տեղերուն եւ իրաւունքներուն բացատրութեամբ: Յատուկ գումարում մը կը հաւաքուի Ս. Յարութեան տաճարին մէջ յուլիսի սկիզբը, ուր դատաւորն եւ Նուրի էֆէնտին եւ կուսակալութեան պաշտօնեայն համաձայնութեամբ կը հաստատեն եւ կը կարգադրեն Հայոց պահանջները: Պատանատեղւոյն եւ Գերեզմանին կանթեղները կը լրացուին, Իւղաբերից սեղանը կը վերահաստատուի, եւ Ուժաթափման տեղը կը կարգադրուի, պատկերներ եւ կանթեղի շարաններ եւ յատուկ կանթեղներ սիւներու վրայ եւ կամարներու մէջ կը զետեղուին: Արեմաթացիի մատուռին ներքին եւ արտաքին մասերը Հայոց կը յանձնուին, նոր միջնորմը կը վերցուի, եւ միայն կամարի մը շարանը կը կիսուի Յունաց հետ, եւ վերջապէս վերնատան եկեղեցին հետզհետէ եւ ըստ հաճոյս յարդարելու եւ զարդարելու ազատութիւն կը թողուի:

2415. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵՒ ԾՆՈՒՆԴ

Ս. Յարութեան վերաբերեալ կէտերը կարգադրուելէն ետքը, կը մնային Աստուածածնայ գերեզմանին եւ Ծննդեան այրին խնդիրները, որոնց մասին կուսակալին հրամանին կը սպասուէր: Իրօք ալ յուլիս 4-ին անկէ հասած գիրը կը հրամայէր գործի ձեռնամուխ չըլլայ, այլ Կ. Պոլիսէ գալիք նոր հրամանին սպասել: Հարկ եղաւ հրամանին հպատակիլ եւ ընդարձակ գիրերով դիմել Կ. Պոլսոյ պատրիարքին, որ էր Աբրահամ Տաթեւացին, հազիւ երկու ամիս առաջ Յովհաննէս Բաբերդցիին յաջորդած 2337), յատուկ յանձնարարութեամբ փոխանորդ Պօղոս վարդապետին եւ ազդեցիկ աւագանւոյն, որպէսզի պարտ ու պատշաճ ջանքերն ընեն, նպաստաւոր հրամաններ հանել տալու: Գիրերը յղուեցան յունիս 21-ին Կ. Պոլիսէ եկող Ադամ ճարտարապետին եւ Սարգիս միաբանի մը ձեռքով: Նուրի էֆէնտին ալ ընդարձակօրէն գրեց գործադրութեան իսկական պաշտօնեայ Պաշմաքճիզատէ Զէքի էֆէնտիին, մանրամասնօրէն բացատրելով Հայոց իրաւունքները, Յունաց ոտնձգութիւնները, դատաւորին անիրաւութիւնները, միւս պաշտօնեաներուն կեղակարծ ընթացքը, շինութեանց ծախքերուն հաշիւը, եւ արդար որոշմանց ծրագիրը: Ինքն միայն մնաց Երուսաղէմ գործին հսկելու, մինչ միւս պաշտօնեաները իրենց պահանջներն ու պարգեւները ստանալով մեկնած էին յուլիս 10-ին: Ճիշդ այս օրերուն Դամասկոսէ հրաւիրակներ կու գան Հայոց եւ Յունաց կողմէն ներկայացուցիչներ տանելու կուսակալին, եւ Դիոնեսիոս Գարթալցի եւ Սարգիս Կիպրացի վարդապետներ յուլիս 23-ին կ՚ուղեւորին, եւ Դամասկոս կը հասնին յուլիս 29-ին: Այս անգամ կուսակալն էր որ Աստուածածնայ գերեզմանին եւ Ծննդեան այրին սակարկութեանը կը մտնէր, Հայերէն պահանջելով որ ստացութեան մտցնէ, եւ Յոյներէն պահանջելով որ Հայերը հեռու պահէ: Սակայն ինքն ալ կը զգար որ Հայոց նպաստաւոր պիտի ըլլայ գալիք հրամանը, ուստի պահանջեալ 1500 քսակ գումարին վրայ զիջողութիւններ ընելով 450 քսակի ստորագրութիւն կ՚առնէր վերոյիշեալ վարդապետներէն մինչ Յոյներէն ստացած 1200 քսակի փոխարէն հրամանագիր մը կը յանձնէր, որով Հայերը միայն տարին երկու անգամ Բեթղեհէմ, եւ շաբաթը երկու անգամ Ս. Աստուածածին պատարագելու իրաւունք պիտի ունենային մինչեւ նոր հրովարտակին հասնիլը: Բարեբախտաբար շատ կարճ եղաւ այդ պայմանաժամը: Կ. Պոլսոյ մէջ ամէն ջանքեր թափուեցան, առաւել քան Աբրահամ պատրիարքի, Պօղոս փոխանորդի գլխաւորութեամբ, ինչպէս նաեւ մեծամեծներու, եւ յատկապէս Պէզճեանի, թագաւորին առջեւ միջնորդութեամբը: Չենք ուզեր նուազեցնել Նուրիի նամակներուն ալ ազդեցութիւնը, զորս ի դէպ գործածեց Պաշմաքճիզատէն: Սուլտան Մահմուտ, զայրացած իր հրովարտակին գործադրութեան ուշանալուն, հրամայեց նոր հրովարտակ պատրաստել Աստուածածնայ եւ Ծննդեան սրբավայրերուն համար, Մուսա դատաւորը պաշտօնանկութեան եւ Կիպրոս աքսորուելու դատապարտեց, եւ Մուստաֆա ոստիկանապետը գլխատուելու, որ միջնորդութեանց զօրութեամբ Անաբա աքսորի եւ տեղւոյն ամրութիւնները իր ծախքով նորոգելու փոխուեցաւ: Այդ հրամանները Կ. Պոլիսէ ճամբայ հանուեցան սեպտեմբեր 30-ին յատուկ պետական սուրհանդակով:

2416. ՆՈՐ ՀՐՈՎԱՐՏԱԿ

Դամասկոսի պատգամաւորութեան ելքէն դժգոհ, եւ Կ. Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցածներուն անտեղեակ, Երուսաղէմի մէջ տխուր եւ նկուն վիճակ մը կը տիրէր, երբոր 1813 հոկտեմբեր 26-ին յանկարծ լսուեցաւ պետական սուրհանդակին հրամանագիրներով հասնիլը, զի հրովարտակը ուղղակի Դամասկոս ղրկուած էր: Դատաւորին պաշտօնանկութիւնն ու աքսորը, ոստիկանապետին դատապարտութիւնը, եւ նոր հրովարտակին լուրը, երբ կ՚ոգեւորէին մէկ կողմը, սարսափի կը մատնէին միւս կողմը: Քաղաքապետը գլխաւորապէս եւ Յոյներէ կաշառեալ պաշտօնեաներ ահուդողի մատնուած էին, մի' գուցէ իրենք ալ փորձանքի հանդիպին: Բայց կաշառքի զօրութիւնը սահման չունի, ամէն դժուարութեանց կը յաղթէ, նոյն ինքն նոր դատաւորը Մուսա Խալիտի, բնիկ Երուսաղէմացի, ազատ չմնաց անոր ազդեցութենէն, եւ երկկողմանի եւ խաբուսիկ ճամբաներ սկսաւ գործածել գործը խճողելու եւ երկարելու, թելադրութեամբ Յունաց, որոնք ամէն յապաղում օգտակար կը դատէին իրենց նպատակին, մանաւանդ պաշտպանութիւն կը սպանէին Սիւէյման փաշա կուսակալէն, որ այսօրեր Մէքքէ ուխտի էր գացած, եւ վերջին ատեններ Յոյներէն շահուած էր: Բայց կուսակալութեան փոխանորդը հրովարտակի ուժգնութիւնը եւ գործին ստիպողականութիւնը տեսնելով, չէր ուզած կուսակալին դարձին սպասել, այլ նոյն օրին յղած էր զայն Երուսաղէմ նոր դատաւորին եւ Նուրի էֆէնտիին, որ այս անգամ ուղղակի գործադիր էր նշանակուած: Հրովարտակը Երուսաղէմ հասաւ նոյեմբեր 12-ին, հրամանագիրներուն հասնելէն 17 օր ետքը: Հրովարտակը 1228 չէվվալ 15 թուականը կը կրէր, առաջին հրովարտակէն իննուկէս ամիս ետքը, եւ հասցէն ուղղուած էր Դամասկոսի կուսակալ նոյն Սիւլէյման փաշայի, նոր դատաւոր Մուսա էֆէնտիի, եւ գործադիր պաշտօնեայ Նուրի էֆէնտիի: Պարունակութիւնը կը շօշափէր առաջին հրովարտակին համառօտ քաղուածը: Սէլիմի հրովարտակներուն յիշատկութեամբը, անոնց համեմատ հրամաններով, գործադրութեան մէջ դատաւորին եւ ոստիկանապետին անուղիղ ընթացքը, եւ անոնց դատապարտութիւնը, Աստուածածնայ գերեզմանին եւ Ծննդեան այրին մասին նորէն խնդիր յուզուիլը, եւ այդ մասին հրամանը երկու ազգք բաժանորդ լինելոյ եւ այսուհետեւ իսպառ բառնալոյ զխռովութիւնն: Մնացեալները հրամանին գործադրութեան ստիպումներ էին, ագահութենէ եւ կաշառքէ զգուշանալու, պատիժներ սպառնալով հրամաններուն հակառակը գործելու համարձակողներուն եւ հրամայողներուն (ԱՍՏ. Բ. 289-293, ՍԱՒ. 1091-1099):

2417. ԲԵԹՂԵՀԷՄԻ ՄԷՋ

Հրամանագիրներուն գալէն մինչեւ հրովարտակին հասնելուն օրը անցած միջոցը, տեղի տուած էր Մուսայի եւ Նուրիի, Հայերու եւ Յոյներու, եւ շատ մը միջնորդներու բանակցութեանց եւ սակարկութեանց, եւ նոյնիսկ Հայոց տրուելիք իրաւունքներուն չափաւորութեանց եւ ամփոփմանց: Յոյներ աշխատելով յապաղել եւ կուսակալին հասնելէն օգիտուիլ, եւ Հայեր դիմադրելով որեւէ պայմանագրութեան եւ իրաւախոհութեան եւ վճարման: Բայց հրովարտակին ուժգնութիւնը ամէն վարանում իսկոյն վերջացուց, եւ դատաւորն ալ անուղղակի շահերէն յոյսը կտրեց, եւ Նուրի իր ուղղութեան յաղթանակը տարաւ: Հրովարտակին հասնելուն յաջորդ օրն իսկ, նոյեմբեր 13-ին, պաշտօնեաներ եւ ներկայացուցիչներ եւ ժողովրդականներ խմբովին Բեթղեհէմ գացին, իրբ 300 հոգի, եւ Բեթղեհէմի եկեղեցւոյն սիւնազարդ սրահին մէջ նիստ գումարուեցաւ արտաքին հանդերձանօք, զի խորաններ միջնորմով բաժանուած են արդէն: Խօսակցութիւններ երկարեցին, ամէն մէկ կտորի վրայ վէճեր շարունակեցին, փոխադարձ պահանջներ եւ առարկութիւններ իրարու յաջորդեցին, մինչեւ որ Հայոց գլխաւոր իրաւունքները հաստատուեցան եւ գործադրուեցան ընկերովի ստացութիւն այրին, կանթեղ եւ պատկեր այրին հիւսիսային դրան վրայ, 10 կանթեղ եւ 2 պատկեր եւ մէկ աշտանակ այրին մէջ, աւելածութիւն այրին, հիւսիսային մասն եկեղեցւոյն բանալի աւագ դրան ընկերովի, եւ փայտեայ դրան կղպանքին բարձումը: Հրովարտակին զօրութեամբ պէտք էր որ եկեղեցւոյն երեք դուռներն ալ եւ սիւնազարդ սրահն ալ եւ փայտեայ դրան գաւիթն ալ ընկերովի եղած ըլլային. այլ այս կէտերը անորոշ մնացին, եւ մինչեւ իսկ Դիոնեսիոս Գարթալցի եւ Յակոբոս Լիւստրացի վարդապետներ իբր Յոյներէ շահուած ամբաստանուեցան (ՍԱՒ. 1100): Սակայն ընդհանուր կերպով Հայոց ձեռք ձգած կէտերը գոհացուցիչ երեւցան այն ատեն, եւ նոյեմբեր 14 առտուն դարձան ուրախութեամբ, եւ հաղորդեցին Թէոդորոս պատրիարքին զոր ինչ պարգեւեաց Տէր ազգին Հայոց (ԱՍՏ. Բ. 301): Պատրիարք անձամբ չէր գացած Բեթղեհէմ, այլ պաշտօնապէս ներկայացուցիչ նշանակած էր Եւդոկիացի Ստեփան փոխանորդ եւ Եւդոկիացի Մարկոս եպիսկոպոսները, Մարաշցի Կիրակոս նախկին փոխանորդ, եւ Վանեցի Սիմէոն լուսարարապետ, եւ Գարթալցի Դիոնեսիոս վարդապետները, աւագ թարգման Աւետիս եւ Երուսաղէմացի Գէորգ Պօտուրեան պարոնները: Յոյներ ալ ներկայացուցիչ պատգամաւորութիւն մը, իսկ Լատիններ միայն իրենց թարգմանը նշանակած էին: Յունաց եւ Լատինաց հետ վէճը շարունակեց պատարագի օրին եւ կարգին վրայ, նոյնպէս խորանի զարդերուն դրուելուն եւ մնալուն վրայ, եւ վերջապէս Հայեր հաւանեցան Լատիններուն յաջորդել, որոնք Յոյներուն կը յաջորդէին, եւ զարդերուն համար ալ որոշուեցաւ, իւրաքանչիւրին իր պատարագին ատենը դնել, եւ մնացած ատեն խորանը անզարդ թողուլ: Ըստ այսմ Հայոց առաջին պատարագը մատոյց Կիւմիւշխանացի Ստեփան ծերունի վարդապետ նոյեմբեր 25-ին, Յիսնակաց առաջին երեքշաբթին: Աւելցնենք թէ Բեթղեհէմի մէջ իսպառ չեն վերջացած տեղի կամ անցքի խնդիրներ Յունաց եւ Լատինաց հետ, մինչ այդ կողմէն հանդարտ է Ս. Յարութեան եւ Ս. Աստուածածնի գործերուն վիճակը:

2418. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ԳԵՐԵԶՄԱՆԸ

Բեթղեհէմէ ետքը կը մնար Ս. Աստուածածնայ տաճարին կարգադրութիւնը, եւ գումարումը այնտեղ կատարուեցաւ նոյեմբեր 18-ին: Նորէն նոյն խաղեր եւ նոյն ճիգեր, եւ դատաւորին կողմէ անօգուտ փորձեր Հայերը քիչով գոհացնելու, եւ Յոյներուն կամքին եւ կաշառքին ծառայելու, մինչեւ որ Նուրի սրտմտութեամբ համարձակեցաւ ձայն բարձրացնել, թէ մենք եկած չենք գաղտնի բանակցութիւններով գործ կարգադրելու, այլ յայտնապէս արքունական հրաման գործադրելու: Ասոր վրայ կը սկսին ամենայն ինչ հաւասարութեամբ բաշխել երկու ազգերուն վրայ, արտաքին երկաթի դռնէն սկսելով մինչեւ Գերեզմանը եւ շրջապատը, իջնելու ատեն աջը Յունաց եւ ձախը Հայոց յատկացնելով: Ըստ որում կը բաշխուին, Յովակիմայ եւ Աննայի սեղանը Յունաց, իսկ Յովսէփայ Աստուծահօր սեղանը Հայոց, նոյնպէս տեսուչներու սենեակները, Գերեզմանին ետեւի եւ դիմացի մասերը, եւ Գերեզմանին երկու կողմերու որմերը: Միայն Հայեր կը զիջանին որ Հայոց խորանին առջեւի կամարաձեւ շարանին երեք կանթեղները, չորս շարաններուն կարգին դրուին Յունաց ունեցածին նման, եւ պատարագն ալ Հայերը Յոյներէն ետքը մատուցանեն ամէն օր: Ըստ այսմ ալ նոյեմբեր 19 չորեքշաբթի առտու առաջին պատարագը կը մատուցուի Գերեզմանին վրայ, եւ անկէ ետքը պատկերներ եւ կանթեղներ եւ զարդեր կը զետեղուին: Վերջին պայմանները, որոնց հաւանութիւն տալը ուղղակի Դիոնեսիոս վարդապետի կը վերագրուէր եւ Յոյներէ շահուած ըլլալու ամբաստանութեան փաստ կը դառնար, առիթ եղան բաւական կարեւոր ժխորի մը, որուն գրգիռ տուին քանի մը միաբաններ, եւ անոնցմէ անցաւ քաղաքացւոց եւ քաղաքացիներէ ուխտաւորաց, որոնք կ՚ուզէին Դիոնեսիոսը ձեռք ձգելով, իբրեւ ազգային իրաւանց մատնիչ, յօշոտելով սպաննել: Ոմանց աչքին ամէնօրեայ պատարագը ծանրաբեռն աշխատութիւն կը նկատուէր, ուրիշներն ալ երեք կանթեղները կամարաձեւ շարանէ ուղիղ շարանի փոխելը ազգային կործանում կը նկատէին: Քանի մը անգամ կրկնուեցաւ ժխորը վանքին մէջ, պատրիարքը կը ջանար որ դուրսը չլսուի, բայց վերջապէս շփոթին քանի մը գլխաւորները կառավարութեան ձեռօք հեռացնելու միջոցը ձեռք առաւ, եւ շփոթը վերջացաւ: Բայց ձայնը մինչեւ Կ. Պոլիս հասաւ, եւ Թէոդորոս պատրիարք պարտաւորուեցաւ իսկութիւնը տեղեկագրել փոխանորդ Պօղոսի, եւ Դիոնեսիոսը եւ անոր գործակիցները արդարացնել:

2419. ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՓԱԿՈՒՄԸ

Գործադրութեանց գլխաւոր կէտերը լրացեալ էին, բայց մանրամասնութիւնք չէին լրացած, մանաւանդ որ Յոյներ գործին ստացած կերպարանքէն դժգոհ, շարունակ խնդիրներ կը յուզէին, կռիւներ կը պատրաստէին, շփոթներ կը գրգռէին, յուսալով Հայերուն վրայ ամբաստանութիւններ ստեղծել եւ զրկումներու դուռ բանալ: Դեկտեմբեր 1-ին Յիսնակաց երկրորդ երկուշաբթին գումարում մը եւս տեղի ունեցաւ Ս. Յարութեան մէջ, իբր փակման նիստ, ուր Հայեր նորէն յառաջ բերին իրենց պահանջները, այսինքն, տիրանալ մուտքին մեծ դրան վերին եւ ստորին մասերուն, նոյն մասին աւելածութիւնը, տաճարին մէջի մեծ ջրհորին եւ Գերեզմանին դրան պահնորդութիւնը: Իբր որոշում երեք ազգերու հաւասարութեան հրամանը շեշտուեցաւ: Հայոց վերնատունին անյարմար շինութեանց խնդիրներն ալ յիշուեցան, բայց փոփոխութեանց իրաւասութիւն չէր տրուած, եւ խաչկալի եւ ուրիշ մասերու կազմակերպութեամբ խնդիրը փակուեցաւ: Եթէ այլայլեալ եւ Յոյներէ յափշտակեալ տեղերը հինին վերածել հրաման ըլլար, քսանէ աւելի կտորներ կային, որոնց մէջ Յոյները իրենց մասերը ընդարձակած, եւ Հայոց ու Ղպտոց տեղերը գրաւած կամ խաթարած էին(ԱՍՏ. Բ. 321-324), այլ եղածը նախկինին դարձնելու հրամանը յիշուած չէր հրովարտակին մէջ: Դեկտեմբերի մէջ Յոյներ չդադարեցան ամէն տեսակ խաբէական եւ անտեղի պատճառանքներով խնդիրներ նորոգել, տեղացի իսլամներ ալ պարգեւներու եւ իրաւունքներու խնդիրներ յուզեցին, քաղաքապետն Ապտիւլքէրիմ, արդէն Յոյներէն շահուած, նորէն հրապարակ նետուեցաւ եւ քաղաքական միջադէպներ ալ կեղծելու ձեռնարկեց, որոնցմէ շատ նեղուեցան Հայեր, վճարումներու եւ տուգանքներու ենթարկուեցան, դատարաններու ալ քաշուեցան. բայց վերջապէս չընկճեցան, եւ որչափ ինչ հրովարտակի զօրութեամբ հնար էր պահել եւ պաշտպանել` անթերի լրացուցին: Մէհէմմէտ Նուրի էֆէնտին, գործադիր իշխանութեան առաջ փոխանորդը եւ վերջէն նոյնինքն գործադրութեան իշխանաւորը, այլեւս իրեն գործ մնացած չըլլալը յայտնելով Կ. Պոլիս դառնալը որոշեց: Կարեւոր ընծաներու հետ ճանապարհածախսը, եւ սպասաւորաց եւ հետեւորդաց վարձքերը եւ պարգեւները աթոռէն վճարուեցան. իսկ իրեն վճարուելիք պաշտօնական գումարը Կ. Պոլսոյ ամիրայից թողուցին որոշել, եւ փոխանորդ Պօղոսի գրեցին անթերի հատուցանել: Գոհունակութեան վկայական մըն ալ յանձնեցին պատրիարքի, եպիսկոպոսներու եւ վարդապետներու 27 ստորագրութիւններով, եւ դեկտեմբեր 28 թուականով, որ էր Գլխադիրի նախատօնակին օրը, եւ նոյն օրը Նուրի ալ Երուսաղէմէ Յոպպէ, անկէ ալ Կ. Պոլիս նաւելու համար ճամբայ ելաւ: Պետական պատգամաւորութեան Երուսաղէմ մնացած միջոցին 8 ամիս եւ 8 օր ըսուած է (ԱՍՏ. Բ. 319), որ դեկտեմբեր 28-էն դէպ ետեւ հաշուելով կը հասնի ապրիլ 20-ին, այսինքն Յոպպէ հասնելու միջոցին 2411):

2420. ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Մանրամասնօրէն պատմեցինք Երուսաղէմի խնդիրին պարագաները, եւ անոր հետզհետէ ստացած ծանր եւ վտանգաւոր կերպարանները, 1808 սեպտեմբեր 30-ի հրդեհին պատճառով 2315): Իրաւ ալ ճիշդ պատեհն էր կրկնելու թէ սակաւ ինչ հուր զորպիսի' անտառս հրդեհէ (ՅԱԿ. Գ. 5): Դիպուածական կայծ մը որ Ս. Յարութեան մէջ Հայոց բաժինէն կը ցատկէ, ոչ միայն այդ բաժինը այլ տաճարին շատ մասեր կ՚աւերէ, մեծ գմբէթն իսկ վար կ՚իջեցնէ, եւ քիչ կը մնայ որ նիւթականին աւերման հետ իրաւականն ու օրինականն ալ ջնջէ, եւ այսչափ դարերէ ի վեր Հայոց վայելած ստացութիւնները եւ իրաւունքները եւ բոլոր նուիրականութիւնները փճացնէ, ազգն իր պարծանքէն եւ եկեղեցին իր փառքէն կապտէ եւ ընդ միշտ զրկէ: Հինգ տարիներ եւ աւելի լրացան եւ անցան մինչեւ որ հնար եղաւ նախկին վիճակը վերանորոգել իր էական կէտերուն մէջ, թէպէտ բաւականաչափ մասնակի կորուստներով: Յոյներ յաջողած էին մինչեւ իսկ Հայերը ամէն իրաւունքէ զրկելու հրովարտակներ ձեռք ձգել, եւ նոյնիսկ Ս. Յակոբի մայրավանքին տիրապետութեան յաւակնիլ, եւ ամենայն ինչ իւրացնել դրամի զօրութեամբ: Ազգը զգաց կորուստին մեծութիւնը, յանձն առաւ ամէն աշխատութիւն, գործածեց միջնորդութիւն, չխնայեց զոհողութիւն: Իսկ Երուսաղէմի միաբանութեանը գալով, նա էր որ գործին կ՚առաջնորդէր, դժուարութեանց կ՚ենթարկուէր, պայքարներու կը տոկար, նեղութեանց կը համբերէր, անքուն կը հսկէր, որեւիցէ պարագայի առջեւ տեղի չէր տար, եւ ամէն բան յանձն կ՚առնէր, միայն թէ տնօրինական սուրբ տեղեաց մէջ Հայուն անունը չդադրէր, Հայոց եկեղեցին չանարգուէր, Հայ օրհնաբանութիւնները չլռէին, եւ Հայութիւնը քրիստոնէութեան մէջ իր առաջնակարգ դիրքը անաղարտ պահէր: Այն ամէն մանրամասնութիւնները զորս պատմեցինք 2314-2320 եւ 2408-2419), փաստեր են գործին կարեւորութիւնը, Հայուն զգացման, ազգային կամքին, եւ միաբանութեան արդիւնքին, որոնք մեզ կ՚առաջնորդեն Երուսաղէմի վրայ ուղիղ միտքով նայիլ, ազգային եւ եկեղեցական զգացումով գործել, եւ թեթեւակի մտածումներով չխանգարել եւ չքանդել ինչ որ դարեր մեզի հասուցին, նախնեաց ճիգեր պաշտպանեցին, ազգային սկզբունքներ թելադրեցին, եւ պատմական դասեր սորվեցուցին:

2421. ՄՆԱՑՈՐԴ ԽՆԴԻՐՆԵՐ

Թէպէտ գլխաւոր խնդիրը փակուեցաւ, եւ Հայեր վերջապէս միւս երկուց ազգաց Յունաց եւ Լատինաց հետ հաւասար իրաւանց տէր ճանչցուեցան ընդհանրապէս, սակայն խնդիրներու դուռը չփակուեցաւ, մանաւանդ թէ ընդարձակուեցաւ, զի Յոյներէն զատ Լատիններն ալ Հայոց դէմ դարձան: Լատիններ մինչեւ այս ատեն Հայերուն նպաստաւոր ընթացք ունէին, զի կը կասկածէին որ եթէ Յոյներ յաջողին Հայերը ընկճել, կրկին զօրութեամբ իրենց ալ դէմ կը դառնային, բայց երբ Հայոց եւ Յունաց մէջ խնդիրները լուծուեցան, եւ Հայեր ըստ բաւականին նպաստաւորուեցան, այս անգամ իրենք ալ Հայոց դէմ դարձան, եւ սկսան Յոյներն ալ գրգռել, որպէսզի կարենան իրենք օգտուիլ: Մենք այլեւս պիտի չհետեւինք այն ամէն խնդիրներուն եւ միջադէպներուն որոնք տեղի ունեցան երեք ազգերու միջեւ, զի տեղական բնոյթ ունին, եւ ինչ որ ցարդ պատմեցինք տիրապէս ազգային խնդիրներ էին: Լատիններ կը ցաւէին որ Ս. Աստուածածնայ գերեզմանին մէջ իրենք մասնակցութիւն չունէին, նմանապէս Ս. Ծննդեան այրին մէջ ալ գլխաւոր սեղանին վրայ բնաւ իրաւունք չունէին, եւ կողմնակի Մսուրի սեղանով պարտաւորուած էին գոհանալ (ՍԱՒ. 1122): Հայալատին խնդիրներ Ս. Յարութեան մէջ ասպարէզ չգտան, զի փոխադարձ շփման առիթներ կը պակսէին, եւ ինչ որ ընկերովի էր` հաւասարութեան սկզբունքով կարգադրուած էր: Ընդհակառակն գժտութեանց առիթներ ընդարձակուեցան Բեթղեհէմի եկեղեցւոյն մէջ, եւ գլխաւոր առիթը ընծայեց Լատիններուն իրենց եկեղեցիէն Ս. Այրը երթալու անցքը, որ Հայոց սեփական եկեղեցիին մէջէն պիտի ըլլար անհրաժեշտաբար: Լատիններ կը պահանջէին որ Հայեր ճիշդ իրենց եկեղեցիին միջավայրը շեղակի ազատ անցք մը թողուն, եւ չկարենան փսիաթով կամ կապերտով ծածկել, մինչ նոյն տեղը իրենց եկեղեցւոյն դասին եւ ատեանին կեդրոնը կը կազմէր, եւ հնար չէր կիսել: Երբեմն վէճեր եւ երբեմն բռնութիւններ, երբեմն ալ խուժանական յարձակումներ տեղի ունեցան այդ պատճառով. մինչ Հայեր կը ջանային նախկին լաւ յարաբերութիւնները չեղծանել, մինչեւ իսկ յանձնառու լինելով որ Լատիններ համարձակ անցնին իրենց սփռոցներուն վրայէն: Այդ զիջողութեան կը յորդորուէին թէ' անցելոյն համար երախտագէտ զգացումով, եւ թէ' ապագայի համար նախազգուշական դիտումներով: Փրանկիսկեան միաբանութեան մեծաւոր հայր Մանուէլ, առերեսս հաշտարար, բայց ի ներքուստ գրգռող, դերերը ճարտարօրէն կը միացնէր. Բեթղեհէմի քաղաքացիներ եւ քաղաքապետ իրենց շահու աղբիւր մը գտած էին փոփոխակի մէկ կամ միւս կողման գործիք դառնալով: Յարմար մէկ միջոցին Թէոդորոս պատրիարք իր առաջին ուխտը կը կատարէր ի Ս. Ծնունդ, եւ 1814 յունուար 12-ին, երկուշաբթի օր, Բեթղեհէմ կ՚երթար հանդիսապէս եւ Ծննդեան ութօրէից նախատօնակը եւ առաւօտեան պաշտօնն ու պատարագը անձամբ կը կատարէր: Սակայն խնդիրներ չդադրեցան եւ բոլոր տարին տեւեցին, դատարաններու առջեւ ալ ելան, կայսերական նոր հրամանագիր բերել տալ հարկ եղաւ, ինչպէս մանրամասնօրէն կը գրեն Երուսաղէմի պատմիչները (ԱՍՏ. Բ. 320-351. ՍԱՒ. 1122-1129): Հայեր Երուսաղէմի Տաճկաց կողմանէ ալ նեղուեցան, զի քաղաքացի իշխանաւորներ եւ տաճարին դռնապաններ մեծամեծ գումարներ կը պահանջէին Հայոց նպաստելնուն համար, իբր թէ իրենց շնորհն ըլլար ստացուած արդիւնքը:

2422. ԹԷՈԴՈՐՈՍԻ ՎԵՐՋԻՆ ՕՐԵՐԸ

Երբոր Երուսաղէմի գործադրական շրջանը փակուեցաւ, եւ Նուրի պէյ մայրաքաղաք դարձաւ, տակաւին Կ. Պոլսոյ պատրիարք էր Աբրահամ Գօլեան, եւ թէ Նուրիի տրուելիք գումարը, թէ Դամասկոսի կուսակալին պահանջը, թէ Երուսաղէմի պաշտօնէից եւ քաղաքացւոց եւ քաղաքապետին տրուելիք պարգեւները, եւ թէ գործադրութեան միջոցին եղած ծախքերը, ահագին գումարի պէտք գոյացուցած էին, զորս Պօղոս եպիսկոպոս իբր Երուսաղէմի փոխանորդ Կ. Պոլսոյ մեծամեծներէն ստանալու կ՚աշխատէր: Իսկ անոնք թէ եղած եւ ցուցած ծախքերը չափազանց կը գտնէին, եւ թէ Պօղոսի եւ Դիոնեսիոսի վրայ կասկածներ կը յարուցանէին, եւ Գօլեան պատրիարքն ալ անոնց կամակից էր: Իրաց դարման մը գտնելու համար խորհրդակցութեան պէտքը զգացուեցաւ, եւ որովհետեւ անհնար էր ծերունի Թէոդորոս պատրիարքին Կ. Պոլիս գալ, Երուսաղէմի գլխաւոր եպիսկոպոսները հաւաքելու խորհուրդը ունեցաւ Պօղոս: Այս պատճառով հրաւիրուեցան Մարկոս եւ Յարութիւն` Երուսաղէմէ, Սիմէոն եւ Դիոնեսիոս եւ Կարապետ` Էջմիածինէ, ուր ձեռնադրուելու գացած էին, Մկրտիչ` Տփղիսէ եւ Գաբրիէլ` Զմիւռնիայէ, ուր նուիրակ կը գտնուէին. բայց ոչ մին յանձնառու եղաւ գալ, եւ միայն հաշիւները Երուսաղէմէ ղրկուեցան թարգման Աւետիսին հետ, որ հազիւ կրցաւ հաշիւները Պօղոսին յանձնել, հիւանդացաւ եւ մեռաւ (ԱՍՏ. Բ. 358-359): Պօղոս դարձեալ մինակ մնացած էր Երուսաղէմի համար աշխատելու, երբ Աբրահամ պատրիարքութենէ պաշտօնանկ հռչակուեցաւ 2349), եւ 1815 դեկտեմբեր 1-ին ինքն Պօղոս պատրիարք ընտրուեցաւ, եւ դիւրութիւն ունեցաւ Երուսաղէմի գործերուն ձեռնտուութիւն եւ պաշտպանութիւն ընել: Արքունական դիւաններէն հանել տուաւ Դամասկոսի եւ Երուսաղէմի իշխանաւորաց իրաւունքներուն քանակը, եւ այնպէս անոնց զօշաքաղութեան առջեւն առաւ (ՍԱՒ. 1138): Երուսաղէմի վանքին մէջ աշխարհականներ ալ տիրացած էին, եւ գանձն ու մատակարարութիւնն ձեռք առած, որոնց կարգին կը յիշուին Պետուր մը, Հաննէ վարդապետին տոհմէն, եւ անոր փեսայն Մուրատ Զմիւռնացին, որոնց վրայ ղրկուեցան Աւետիք Կեսարացի եւ Մեսրոպ Ադրիանուպոլսեցի եպիսկոպոսներ, եւ յաջողեցան աշխարհականները գործէ հեռացնել, եւ գործ ու հաշիւ յանձնեցին Նիկոմիդացի Գաբրիէլ եպիսկոպոսին որ փոխանորդ էր: Այս առթիւ գործէ հեռացուցին Դիոնեսիոս եպիսկոպոսն ալ, որ յիշեալ աշխարհականներուն գործակից եւ գովող էր ճանչցուած (ՍԱՒ. 1139): Այսպէս դրամական խնդիրներ հետզհետէ կարգադրուեցան, ներքին գործեր սկսան կանոնաւորութիւն ստանալ, երբ Թէոդորոս վանեցի պատրիարք ալեւորեալ եւ լի աւուրբք վախճանեցաւ 1818 օգոստոս 22-ին (ԱՍՏ. Բ. 360), որ թէպէտ 1800-ին ընտրուած, այլ հազիւ 1802 յուլիս 11-ին զիջած էր աթոռ բարձրանալ 2307), եւ շատ աղետալի օրեր էր անցուցած: Միաբանութիւնը նոյնինքն Պօղոսը հրաւիրեց Կ. Պոլսոյ աթոռը թողուլ եւ Երուսաղէմի աթոռը անցնիլ, բայց նախատեսելով որ թէ' Պօղոս եւ թէ' աւագանին պիտի դժուարանան այս ընտրութիւնը հաստատել, աւելցուցին որ ի հարկին ուրիշ մը ընտրեն, միայն թէ միաբանութենէն ըլլայ, որպէսզի ազատ մնան Կարապետի նզովքէն 1949):

2423. ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ԵՒ Կ. ՊՈԼԻՍ

Պօղոս պատրիարք եւ աւագանին 1818 սեպտեմբեր 20-ին ժողովին մէջ որոշեցին, Երուսաղէմի ընտրութենէն առաջ վանքին մէջ կանոնական դրութիւն հաստատել, անոր համար ընտրութիւնը կը յետաձգեն, եւ եօթն խորհրդականներու ժողովը կը նորոգեն, պաշտօնի կոչելով Գաբրիէլ Նիկոմիդացի փոխանորդ, Մկրտիչ Մեղրիկ լուսարարապետ, Եղիա աւագ թարգման եւ դարպասընկալ, Սիմէոն նախորդ լուսարարապետ, Կարապետ Ճառաճի, Մինաս Մոմաշէն եւ Կիրակոս Երուսաղէմացի եպիսկոպոսները եւ Ստեփանոս ծերունի վարդապետը: Կանուխէն հաստատուած կանոնական բանք կարգադրութեան 12 յօդուածներուն 7 եւս աւելցուցին, եւ Կ. Պոլսոյ փոխանորդութեան մէջ Պօղոսի յաջորդող Լիւստրացի Յակոբ վարդապետի յանձնեցին Երուսաղէմ տանիլ եւ գործադրութեան հսկել: Յակոբ մեկնեցաւ 1818 հոկտեմբեր 1-ին եւ 1819 յունուար 13-ին Երուսաղէմ հասաւ, ուր միաբանութիւնը շուտով համակերպեցաւ եղած կարգադրութեան, վճարումները կատարուեցան նորահաստատ չափաւոր քանակներով, կարգադրութիւններն ալ գործադրուեցան, բայց եւ խնդրուեցաւ նոր պատրիարքի ընտրութիւնը փութացնել: Սոյն միջոցին վերստին արծարծուեցան Բեթղեհէմի Ս. Ծննդեան տաճարին վէճերը, թէ Յունաց եւ թէ Լատինաց կողմէն, դատաւորին ատեանը ելան խնդիրները, Հայերուն ջանքերը ապարդիւն չեղան, ոտնձգութեանց տեղի տուին, եւ մասնաւոր յաջողութիւններ ալ ունեցան: Միայն արտաքին երկաթեայ դրան խնդիրը կասկածի ներքեւ էր, զի կը կարծուէր որ Դամասկոսի կուսակալ Սալիհ փաշա Յոյներէ շահուելով տարբեր կարգադրութիւններ ընէ: Ուստի դատաւորէն վճիռ եւ քաղաքացիներէն հանրագիր ստանալով Կ. Պոլիս յղեցին, որպէսզի կայսերական վճռով հաստատուին Հայոց իրաւունքները: Սոյն օրերուն հանդիպած էր Կիլիկիոյ Կիրակոս կաթողիկոսին խնդիրը 2360), որ բաւական զբաղեցուց պատրիարքն ու աւագանին: Հազիւ թէ զայն կարգադրեցին, Երուսաղէմի դարձուցին մտադրութիւննին, եւ աւագանին միաձայն հաւանութեամբ անհնարին գտաւ Պօղոսի Կ. Պոլիսէ հեռանալը, ուստի ընդունելի չդատուեցաւ 8 եպիսկոպոսներու եւ 27 վարդապետներու ստորագրութեամբ ընտրողական ընծայագիրը (ԱՍՏ. Բ. 361), եւ Երուսաղէմի միաբաններէն մէկը ընտրելու պայմանը յարգելով, պատրիարքութեան կոչեցին Նիկոմիդացի Գաբրիէլ եպիսկոպոսը, որ Թէոդորոսի ծերութեան ատեն եւ անոր մահուընէ ետքն ալ պատրիարքական փոխանորդութիւնը կը վարէր, եւ դիտողութեան տեղի չէր տուած, թէպէտ ծանօթ էր անոր տկար բնաւորութիւնը եւ հետեւողական ընթացքը, դիւրախաբ ըլլալու չափ: Ընտրողական ժողովը գումարուած էր 1819 յուլիս 12-ին (ԱՍՏ. Բ. 367), իսկ ընտրողական գիրը գրուած էր օգոստոս 1-ին (ՍԱՒ. 1147), զոր ստորագրած էին պատրիարքին հետ 17 ամիրաներ: Նորընտիրին բնաւորութիւնը ծանօթ ըլլալուն, ամիրաները կը յորդորէին զայն միշտ խորհրդականաց ժողովով գործել, գրուած կանոնները ճշդութեամբ գործադրել, պատուիրակ յղուած Լիւստրացի Յակոբը ժամանակ մը մօտը պահել, եւ եպիսկոպոսութեան բարձրացնել տալով Կ. Պոլիս դարձնել: Ասկէ ետքը պահ մը դարձեալ Երուսաղէմը Կ. Պոլսոյ պատրիարքին եւ աւագանւոյն մտադրութենէն վրիպեցաւ, զի ճիշդ այդ օրեր Տիւզեանց խնդիրը սկսաւ 1819 օգոստոս 29-ին 2364), եւ հոկտեմբեր 4-ին աղէտը լրացաւ 2365), որուն հետեւեցան միաբանական ձգտումները, մինչեւ որ 1820 ապրիլ 2-ի ժողովը Հրաւէր Սիրոյ յայտարարութիւնը ընդունեցաւ եւ գործը նուիրագործուեցաւ. բայց քիչ օր ետքը ժխորը սկսաւ, օգոստոսին սաստկացաւ, եւ սեպտեմբեր 18-ին Սաքայեանի եւ այլոց գլխապարտութեամբը փակուեցաւ 2376):

2424. ՀԵԼԼԵՆԱՑ ԸՆԴՎԶՈՒՄԸ

Այստեղ պահ մը մեր ազգային շրջանակի անցքերը ընդհատելով, պիտի պատմենք երկու գլխաւոր դէպքեր, որ երկրին կերպարանին վրայ ազդելով, անուղղակի ազգային կեանքի հետ ալ յարաբերութիւն ունեցան: Ասոնց առաջինն ու նշանաւորագոյնն է յունական ապստամբութիւնը: Ապստամբութեան առաջին գաղափարն ու շարժումը կը վերագրուի Աղեքսանդր Իբսիլանթիի, երբեմն Մոլտաւիոյ բդեշխին, որ 1806-ին Ռուսիա փախած, այդ խորհուրդը կ՚որոճար (ՊԷՐ. 171): Հազիւ 1821-ին իրեն կը յանկուցանէ Միխալ Սուցցօ եւ Թէոդոր Վլատիմիրիքօ` Մոլտաւիոյ եւ Վալաքիոյ բդեշխները, եւ անոնց հետ մարտ 11-ին կ՚այրէ Գալաս (Galatz) քաղաքը, եւ տաճիկ բնակիչները կը կոտորէ: Թուրքիոյ Յոյներն ալ զայրացնելու համար, պատրիարքին եւ մետրապոլիտներուն եւ իշխանաւորներուն հասցէին նամակներ կը գրէ, իբր թէ իրեն հետ խորհրդակից ըլլային, ջանալով ալ որ նամակները ձեռք իյնան, հալածանքը ընդարձակուի եւ կացութիւնը խառնակուի: Այսպէս գլխապարտութիւնները կը հրամայուին ազգապետէն (logothըte) սկսելով, ապրիլ 10-ին Գրիգորիոս կամ Լիգորիոս պատրիարքը եւ Եփեսոսի ու Թեսաղոնիկէի մետրապոլիտները կը կախուին, 19-ին ալ Առնավուտքէօյի եպիսկոպոսը եւ 27-ին Ադրիանուպոլսոյ մետրապոլիտը. իսկ իշխանաւորներ անթիւ անհամար. անոնց հետ ժողովուրդներու կոտորածներ ալ: Յոյներ ազգովին ոտք կ՚ելլան, մանաւանդ Կղզեցիք եւ Պեղոպենեսացիք եւ Ատտիկեցիք, տորմիղ կազմելով ծովի վրայ հինաբար կ՚ասպատակեն, օսմանեան նաւերը կ՚այրեն. Օսմանեանք ալ ապստամբութիւն զսպելու նպատակով ամէն խստութիւններ կը գործադրեն թէ' ծովի եւ թէ' ցամաքի վրայ. եւ այս վիճակը կը տիրէ մինչեւ 1827, երբ եւրոպական տէրութիւններ հարկ կը զգան միջամտել: Հոկտեմբեր 18-ին գաղղիական եւ անգլիական եւ ռուսական ոյժեր Նաւարինի նաւահանգիստը կը զարնեն եւ 65 նաւերու օսմանեան տորմիղը կ՚այրեն, դեկտեմբեր 18-ին ռուսական բանակը Պալքանեանց կողմէն կը սպառնայ, ուրիշ բանակ մըն ալ ասիակողմէն կը քալէ, անիկա կը յառաջէ մինչեւ Կէլիպօլու, ուր կը հասնի 1829 օգոստոս 7-ին. սա կը գրաւէ Կարինն ու Տրապիզոնը օգոստոս 28-ին: Ասոր վրայ հաշտութեան բանակցութիւնները կը սկսին Ադրիանուպոլսոյ մէջ սեպտեմբեր 7-ին, եւ հաշտութիւնը կը կնքուի 1829 հոկտեմբեր 7-ին: Ադրիանուպոլսոյ հաշտութիւնը, որ փոքր կայծէ յառաջացած ահագին հրդեհը մարեց, բաւական ծանր նստաւ օսմանեան կայսրութեան: Յունաստանի ազատ եւ անկախ թագաւորութիւն մը ստեղծուեցաւ Պեղոպոնեսով, Ատտիկեան ցամաքամասով եւ կղզիներով. Վալաքիա եւ Մոլտաւիա ռուսական պաշտպանութեան անցան, Սերպիա ներքին վարչութիւն ստացաւ. ասիակողմէն` մինչեւ Փօթի եւ Ախլցխա եւ Ախալքելեք գիծը Ռուսիոյ կցուեցաւ, Վոսփորի եւ Տարտանելի ազատ անցուդարձը պայմանաւորուեցաւ եւ 700000 քսակի տուգանք որոշուեցաւ: Յունական շփոթներու միջոցին Հայոց վրայ ալ վնասներ պակաս չեղան, քանիներ քսութեանց եւ զրպարտութեանց հանդիպելով սպանուեցան. Յովհաննէս Պապաօղլու 1821 ապրիլ 7-ին յօշոտուեցաւ (ՊԷՐ. 463), Գասպար Չերազ ամիրա ապրիլ 21-ին կախուեցաւ (ՊԷՐ. 465), եւ խմբովին կոտորածներ ալ պակաս չեղան: Բայց միւս կողմէն Յոյներուն` կառավարութեան աչքին կասկածելի դառնալովը, պաշտօնական եւ ելեւմտական գործերէ սկսան հեռու պահուիլ, եւ նոյն շրջանակներու մէջ Հայերուն ասպարէզը ընդարձակուեցաւ: Միեւնոյն ատեն կաթոլիկական խնդիրները զայրացան, եւ Ադրիանուպոլսոյ հաշտութեան մէջ ալ նկատի առնուեցան, եւ կաթոլիկ նոր հասարակութեան կազմուելուն պատճառ եղան, ինչպէս այս ամէնը պիտի պատմենք իրենց կարգին:

 

2425. ԵԷՆԻՉԷՐԻՆԵՐՈՒ ԲԱՐՁՈՒՄԸ

Թուրքիոյ համար ոչ նուազ կարեւոր խնդիր դարձաւ Եէնիչէրիներու գործը: Սուլտան Օրխանէ կազմուած Եէնի Չէրի կամ Նոր Գունդը օսմանեան բանակին զօրութիւնն էր, եւ ամէն յաղթութիւններ եւ աշխարհակալութիւններ անոնց արդիւնքն էին: Բայց իրենց առաւելութիւններովը շփացած, հին Հռոմին պրետորիականներն էին դարձած. բռնութեամբ կամքերնին քալեցնելու եւ սպառնալիքով իրենց կիրքերը գոհացնելու վարժուած, ոչ կարգի եւ ոչ կանոնի կ՚անսային, ոչ միայն մեծամեծներու եւ նախարարներու, դենպետներու, եւ եպարքոսներու կեանքերը անոնց հաճոյքէն կախում ունէին, այլեւ ժողովուրդին վրայ ազատօրէն կը բռնանային, սուրերնին փորձելու համար` անցորդի գլուխ կտրելու չափ. այնպէս որ փողոց ելլողը` դառնալուն ապահովութիւնը չունէր, կամ թէ ամէն մէկ քայլափոխին տոյժի եւ տուգանքի յանձնառու պիտի ըլլար: Եէնիչէրի գունդեր, կամ ինչպէս կը կոչուէին, օճագներ, ոչ միայն կէս դարէ ի վեր օսմանեան պարտութեանց պատճառ էին եղած (ՊԷՐ. 179), այլ եւ վերջին ութը Սուլտաններ անոնց կամքով գահընկէց եղած եւ սպաննուած էին (ՊԷՐ. 186): Սուլտան Մահմուտ Բ. իր գահակալութեան օրէն 1808 օգոստոս 11-ին, միտքը դրած էր ազատել երկիրն ալ իր անձն ալ այդ ահարկու սպառնալիքէն, բայց ոչ ընկճող զօրութիւն մը կար պատրաստ եւ ոչ ալ համամիտ կառավարութիւն մը: Պէտք էր ճարտար միջոցներու դիմել եւ Եէնիչէրիներու մէջէն իրեն մտքին գործադիր մը ճարել: Այս անձն եղաւ Հիւսէյին մը, տօգուզունճու ուստա, այսինքն` իններորդ վաշտին պետ, Պէզճեան Յարութիւնի մտերիմ, եւ անոր միջնորդութեամբ Սուլտանին ծանօթացած եւ գործին կատարումը ստանձնած (ՊԷՐ. 180): Հիւսէյին օր ըստ օրէ աստիճանի բարձրացում ստացաւ, մինչեւ որ Եէնիչէրի աղասը կամ Եէնիչէրիներու ընդհանուր հրամանատար Ճէլալէտտինի երկրորդ կամ Քուլ քէթխիւտասը անուանուեցաւ: Այս դիրքին մէջ յաջողեցաւ հրամանատարն ալ իր մտքին համոզել, եւ անոր հրամանով հետզհետէ վնասակար գնդապետները հեռացնել կամ մեռցնել: Այդ միջոցին 1824-ին, կայսերական հրամանով, նոր զօրագունդ մը հաստատուեցաւ, Էշքինճի անունով, նոր տարազով եւ նոր մարզանքով, եւրոպական զինուորութեանց նմանութեամբ: Այդ պարագայն եւ չորս ազդեցիկ գնդապետներու ներքին գաւառներ փոխադրուելու հրամանը Եէնիչէրիները զայրացուց, որոնք հրամանատար Ճէլալէտտինի եւ եպարքոս Սէլիմ փաշայի տուները կոխեցին եւ կողոպտեցին: Վտանգին առջեւն առնելու համար Հիւսէյին հրամանատարութեան կոչուեցաւ, որ անմիջապէս մայրաքաղաքի զանազան կողմերը պտոյտի ելաւ, եւ շատ գլխաւորներ ձերբակալեց եւ սպաննեց: Իբր վարձ Իւչ թուղլու փաշայութեան բարձրացաւ, որ մարաջախտի աստիճանին կը պատասխանէր. տարազն ալ փոխեց, եւ Աղա փաշա կոչուիլ սկսաւ: Վճռական հարուածի պէտք կար, բայց ձեռնարկին արգելք կը նկատուէին Վոսփորի ամրութեանց պահապան Եէնիչէրի գունդերը, որ շատ ու զօրաւոր էին: Հիւսէյին նեղուցի պահպանութեան պաշտօնին անցաւ, հրամանատարութիւնը իր հաւատարիմներէն մէկուն փոխանցելով, եւ նոր պաշտօնի մէջ յաջողեցաւ իրեն շահիլ գլխաւոր բերդապահները: Ասոր վրայ հրաման ելաւ կայսրէն, որ Եէնիչէրիներ նոր զինուորական մարզանքներու հետեւին, իսկ անոնք ըմբոստացան եւ 1826 յունիս 3-ին, եւ ոչ 2-ին, Համբարձման դիմացի հինգշաբթի օրը (ՊԷՐ. 184), նախ եպարքոսին, ապա նոր հրամանատարին տուները յարձակեցան ու կողոպտեցին եւ կանանոցները խառնակեցին, բայց եպարքոս Սէլիմ փաշա բացակայ էր, եւ նոր հրամանատարը մազապուրծ ազատեցաւ: Վերջնական հարուածին ժամանակը հասած էր այլ եւս. պետական անձեր համամիտ էին Եէնիչէրիներու վերցուելուն, անոնց մէջէն ալ իբր 200 գլխաւորներ Հիւսէյինէ շահուած էին: Յունիս 15, երեքշաբթի օր մեծ ժողով գումարուեցաւ Կ. Պոլսոյ կայսերական պալատը, բոլոր պետական մեծամեծներու եւ դենպետութեան գլխաւորներու ներկայութեամբ. Մուհամմէտի նուիրական դրօշը Սուլտան Ահմէտ մզկիթը տարուեցաւ, առաւօտու աղօթքը կատարուեցաւ, Րէիզիւլիւլեմա կամ կրօնականաց պետ Արիֆ պէյ ազդու ատենաբանութեամբ Եէնիչէրիները անհաւատք եւ չար քան զանհաւատս, եւ անհնազանդք արքայի եւ օրինաց Մահմէտի եւ հրամանաց Աստուծոյ հռչակեց, եւ անոնք ի սուր եւ ի հուր սպանանել օրինաւոր վճռեց, եւ բոլոր բարեպաշտ մահմէտականները նուիրական դրօշին ներքեւ հրաւիրեց (ՊԷՐ. 185): Իսկոյն Հիւսէյին Աղափաշայն զինուորական նոր գունդերուն գլուխը, եւ թնդանօթաձիգներու հրամանատար Իպրահիմ Քարաճէհէննէմն ալ իր հրետանիով, ուղղուեցան դէպի Էթմէյտանի հրապարակը, ուր էր Եէնիչէրիներու մեծ ձմերոցը, եւ ուր 10000-է աւելի հաւաքուած էին մեծ խռովութիւն մը կազմակերպելու դիտումով: Ձմերոցին կրակ տրուեցաւ, թնդանօթներ գործեցին, փախչողներ սուրերու եւ սուիններու հանդիպեցան, եւ նոյն օր անդէն ջնջուեցաւ եէնիչէրիական զօրութիւնը, եւ անարգանաց մատնուեցաւ եէնիչէրի անունը իր 196 վաշտերով (ՊԷՐ. 471-472): Քառասուն օր տեւեց սաստիկ հալածանքը մնացորդները գտնելու, եւ պահուըտած տեղերնէն հալածելու, գլխաւորները սպաննելու եւ մնացեալները խայտառակելով աքսորելու (ՊԷՐ. 186), չխնայելով նոյնիսկ Եէնիչէրիներու ծառայող հրեայ սեղանաւորները, (ՊԷՐ. 187): Այդ գործողութիւնն ալ մեծապէս նպաստեց Հայոց վիճակին, զի առաւել անոնք էին Եէնիչէրիներուն բռնութիւններէն նեղուողներ: Գործին մէջ ալ աւանդութիւնը պահած է Յարութիւն Պէզճեանի անունը, որ առաջին անգամ Հիւսէյինը սուլտանին ծանօթացնելէ ետքը, շարունակեց իր տեղեկութիւնները եւ խորհուրդները սուլտանին հաղորդելու մինչեւ յաջող ելքի հասցնելու ատենը:

2426. ԱՔՍՈՐԷ ԴԱՐՁՈՂՆԵՐ

Այդ երկու գործողութիւնները, թէպէտ ազգային շրջանակէ դուրս, բայց ազգային յարաբերութիւններէ օտար չէին, եւ այս պատճառով անոնց վրայ ալ գաղափար մը տալ աւելորդ չսեպեցինք. այժմ նորէն կը դառնանք Տաճկահայոց ներքին շրջանակին, սկսելով այն կէտէն որ 1820-ի միաբանական աղմուկները դադրեցան, ոմանց սպանութեամբ եւ ոմանց աքսորանքով 2376): Աքսորեալներուն մէջն էր եւ Յարութիւն Պէզճեան, սակայն շատ համառօտ եղաւ աքսորի պայմանաժամը, զի տարիէ մը կը գտնենք զայն փողերապետութեան պաշտօնին վերադարձած (ՊԷՐ. 170), եւ անկէ հինգ վեց ամիս ալ առաջ կայսեր անձնական սեղանաւորութեան կոչուած էր (ՊԷԶ. 56), որով 1821 տարւոյ սկիզբները վերադարձին հրամանը ելած կ՚ըլլայ: Յիշուած չգտնաք թէ ի՞նչ միջոցով եւ ի՞նչ միջնորդութեամբ տրուած է Պէզճեանի ազատութեան հրամանը, բայց ամենայն հաւանականութեամբ Սուլտան Մահմուտի անձնական նախաձեռնութեան կը վերագրենք, որ եթէ պարզապէս յազգային գործս ձեռնամուխ ըլլալուն, ի խրատ զգուշութեան տուաւ աքսորի պատիժը իր սիրելի եւ ամենայն հաւատարմութեամբ ծառայող պաշտօնէին (ՊԷՐ. 170), վեց ամիսը շատ իսկ էր այդ նպատակին համար: Բայց չենք կարծեր որ ի խրատ զգուշութեան տրուած պատիժը իր նպատակին ծառայած ըլլայ. զի Պէզճեան մինչեւ իր կեանքին վերջը երբեք ետ չկեցաւ յազգային գործս ձեռնամուխ ըլլալէ, նոյնիսկ Սուլտանին առջեւ միջնորդութիւններով եւ դիմումներով: Աքսորէ դարձող Պէզճեանին գլխաւոր հոգը իրեն բախտակիցներուն ազատութիւնն էր անշուշտ, եւ յատկապէս Տիւզեաններուն, ինչ որ ըլլայ այդ մասին Պէզճեանը ամբաստանելու մարմաջէն բռնուած կենսագիրին տեսութիւնը (ՄԷՆ. 29): Բայց Պէզճեանի ջանքերը արգիլող ոյժ մը կար դիմացէն, Հալէթ էֆէնտին, զոր սկիզբէն տեսանք իբր Տիւզեանց ոխերիմ թշնամի 2363): Պէտք էր որ առաջ Հալէթ վերնար մէջտեղէն, ինչպէս ալ եղաւ: Սուլտանին այդ սիրելիին համար ալ հնչեց վերջին վայրկեանը, եւ 1822-ին Իկոնիոն աքսորուեցաւ, ուր գլխատուեցաւ եւ գլուխը Կ. Պոլիս բերուեցաւ նոյեմբեր 1-ին: Պէզճեան ազդու եւ շօշափելի միջոցներով նախ Սուլտանին շրջապատը պատրաստեց, եւ անկէ ետքը միջնորդութիւնը ներկայեց, արտօնութիւնը ստացաւ, պնդադեսպաններով հաղորդեց, եւ 1823 ապրիլ 15-ին Կեսարիոյ Ս. Կարապետի վանքէն Կ. Պոլիս կը հասնէին Տիւզեան երեք եղբայրներ, Կարապետ եւ Յակոբ եւ Պօղոս: Պէզճեան միջոց մը իր Եէնիգաբուի տունը կը հիւրընկալէր աքսորէ դարձողները, մինչեւ որ իրենց Քուրուչէշմէի վաղնջական տուները դարձուին եւ պատրաստուին եւ կարենան հոն փոխադրուիլ (ՊԷՐ. 188): Միւս չորս աքսորականներն ալ 2376) աքսորէ դարձած գիտենք միջնորդութեամբ Պօղոս Պատրիարքի (ՍԱՒ. 1144), Տիւզեաններէն ալ առաջ, քանի որ իրենց վրայ ծանր ամբաստանութիւն մը չէր ծանրանար, այլ դառնալնուն թուականը որոշակի նշանակուած չգտանք: Տիւզեանց ազատութիւնը յաջողութեամբ մըն ալ կը լրանայ, զի Հալէթի հաւատարիմ գործիք եւ անիրաւութեանց հնարիչ, իր սեփական սեղանաւորը Իսխէլ հրեայն, որ նոյն միջոցին աքսորուած էր Թէքէ, Իկոնիոնի նահանգին մէջ, այնտեղ կը գլխատուէր, եւ գլուխը Կ. Պոլիս կը բերուէր 1823 ապրիլ 26-ին Տիւզեանց հասնելէն 11 օր ետքը:

2427. ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Այդ միջոցներուն Գաբրիէլ պատրիարք, ինքն արդէն տոկուն եւ ազդեցիկ վարչականութենէ անմասն, եւ Տիւզեանց աղէտին եւ միաբանական ճգանց եւ ներքին շփոթութեանց պատճառով Կ. Պոլսոյ աթոռին ամուր պաշտպանութենէն զրկուած, մանր գործառնութիւններով եւ առօրեայ կարգադրութիւններով կ՚անցընէր տարիները, մինչ միւս կողմէն ներքին գործերը հետզհետէ աւելի կը խանգարուէին: Կ. Պոլսոյ փոխանորդութիւնը ստանձնած էր Մարկոս եպիսկոպոս Եւդոկիացի, Յակոբ Լիւստրացիին Երուսաղէմ յղուելուն վրայ 2423): Գաբրիէլ ուզեց նորէն Լիւստրացին հաստատել, բայց նա յանձն չառաւ եւ ասիակողման գաւառները դեգերելու ելաւ. իսկ փոխանորդութիւնը անցաւ Եդեսիացի Յարութիւն վարդապետի: Եղիա եպիսկոպոս Եւդոկիացի փոխանորդը, անտանելի դարձած էր իր ըմբոստ եւ անզուսպ ընթացքովը, մինչեւ պարտաւորուիլ դատաւորութեան ձեռքով զայն Կեսարիա աքսորել, բայց ինն ամիսէն ներում կը ստանար Պօղոսի միջնորդութեամբ, եւ Կ. Պոլիս գալով կը սկսէր Գաբրիէլին դէմ դաւաճանել: Պարտքերու խնդիրը դեռ առկախ կը մնար, եւ օր ըստ օրէ կ՚աճէր, զի Երուսաղէմէ ուզուած նոր հաշուեցոյցին առաքումն ալ կը յապաղէր: Այդ հաշուեցոյցը Պօղոս էր ուզած Եղիայի գրգռութեամբ, եւ Գրիգոր Պալեանի եւ Յակոբ Մանանեանի խորհրդով, եւ Յարութիւն Եդեսացի փոխանորդին ձեռքով: Գաբրիէլ թէպէտ կը զիջանի յղել, ոչ կամելով ընդդէմ կալ կամաց եւ առաջարկութեան ազգին, բայց միանգամայն Պօղոսի եւ ժողովական ամիրաներուն ուղղակի կը գրէր, թէ այդ պահանջը ընդդէմ էր սովորութեան (ՍԱՒ. 1154): Միւս ժողովականներ կը գրգռուին առանց իրենց որոշման եղած պահանջին համար, եւ եկած հաշիւն ալ քննութեան չեն առներ: Բայց միւս կողմէն կը դիտեն խորհրդականաց ժողովը գրեթէ լուծուած էր, եւ գործերը Գաբրիէլի ձեռք խանգարուած, ուստի Պօղոսի առաջարկութեամբ ազգային ժողով մը կը գումարուի, մասնակցութեամբ Եղիա եւ Կիրակոս եւ Դիոնեսիոս եպիսկոպոսներու, եւ նորէն եօթը նոր խորհրդականներ կ՚ընտրուին Կ. Պոլիս գտնուող միաբաններէն, եւ նոր կանոնագիր մըն ալ կը կազմուի 16 յօդուածներով, 1823 օգոստոս 11-ին պատրիարքական կոնդակով կը հաստատուի, որուն ներքեւ կը ստորագրեն պատրիարքին հետ նաեւ 19 ամիրաներ, եւ եօթը նորընտիրներու կը յանձնեն Երուսաղէմ տանիլ եւ գործադրել: Կոնդակը (ԱՍՏ. Բ. 376-384) որ Պօղոսի մտաց ծնունդ եւ գրչին խմբագրութիւնը կը տեսնուի, յառաջաբանին մէջ կը յիշէ խորհրդականաց դրութեան կանխաւ հաստատուած եւ այժմ խանգարուած ըլլալը, պարտքերուն աճիլը, եւ ուխտաւորաց պակսիլը յունական ապստամբութեան պատճառով, ամէնուն ըստ քմաց գործելը, եւ պատրիարքն եւս եւ ոչ զմի ի նոցանէ համարեալ ըլլալը, եւ կ՚որոշուի որ վարչութիւնն ու մատակարարութիւնը լիապէս եւ բովանդակապէս խորհրդականաց ձեռամբ կատարուի եւ պատրիարքն իւրովի ոչինչ չգործէ, եւ ձեռնամուխ չլինի ի գործս նոցա, զի մի ապա պատճառ վնասուց եւ անկարգութեանց գոլ դատեսցի: Յիշեալ 16 յօդուածներուն պարունակութիւնը մի առ մի վերլուծել աւելորդ կը սեպենք, զի իւրաքանչիւրին մէջ վարչական եւ մատակարարական գործոց մի մի ճիւղերը կը յիշուին եւ ձեւեր կ՚որոշուին, թէ ինչպէս ամենայն ինչ ուղղակի խորհրդականաց պիտի ուղղուի, որոնք յատուկ խորհրդարան պիտի ունենան, իրենցմէ մին իբր գրագիր միշտ այնտեղ պիտի մնայ գիր եւ դիմում ընդունելու. շաբաթը երկու անգամ պիտի գումարուին, ամենայն ինչ միասին պիտի որոշեն եւ հրամայեն. ուրիշ պաշտօնեաներ առանց անոնց հրամանին բան մը պիտի չընեն եւ բան մը պիտի չտան ու պիտի չվճարեն: Վերջին յօդուածը պատրիարքին կը վերապահէ տարին երկու անգամ միաբանից ժողով գումարել յատեան սուրբ եկեղեցւոյն, եւ խրատել եւ յորդորել եւ բարեկարգութիւն յանձնարարել, մանաւանդ կենցաղական ճիւղին մէջ: Խորհրդականներ անձնապէս դիմումներ պիտի չընեն, եւ եթէ մէջերնէն մէկը երկպառակութիւնս եւ ատելութիւնս կամիցի արկանել. միւսները պիտի կարենան զայն հեռացնել, նոր մը ընտրել եւ Կ. Պոլիս ծանուցանել: Եօթը նորընտիր խորհրդականներ շուտով Կ. Պոլիսէ մեկնեցան, բայց երեքը ճամբան հիւանդացան, իսկ չորսը Դամասկոսի մէջ ընկերներուն սպասեցին, եւ այսպէս ակնկալեալ արդիւնքը յապաղեցաւ:

2428. ՊՕՂՈՍԻ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ

Այդ ձեռնարկը Պօղոսի պատրիարքական գործունէութեան վերջին երեւոյթն եղաւ. զի օգոստոս 11-էն երկուքուկէս ամիս ետքը պաշտօնէն քաշուեցաւ: Պօղոս որ այնչափ փառքով եւ յաջողութեամբ աթոռ բարձրացած էր, եւ որ արի եւ ձեռներէց գործիչ մը տեսնուած էր, եւ ընդհանուր յարգի եւ վարկի տիրացած էր, շատ բան կորսնցուց միաբանական ձգտումներուն երեսէն, որոնք երկիցս խղճալի ելք ունեցած էին, եւ երրորդին ցաւալի արկածներու ալ պատճառ տուած: Ամիրաներէն քանիներուն ալ աքսորը, իրեն դէմ մեղադրանաց նիւթ եղաւ, իբր զի Պօղոս անձին պաշտպանութեան համար, անոնց ստիպումները առջեւ դրած էր: Ժողովրդական ըմբռնումին մէջ ալ կաթոլիկութեան համակիրի, կամ գոնէ կաթոլիկամիտներու բարեկամի գաղափարը կազմուեցաւ իր վրայ: Թէպէտ մենք իրողութեանց կշռադատութեամբ զինքն այդ մեղադրանքէ ազատ դատեցինք 2373), բայց ժողովրդական ըմբռնումը այնքան նուրբ հետազօտութեանց չի հետեւիր, եւ ոչ ալ միշտ տրամաբանական ճշդութեամբ կը խորհի, մանաւանդ երբ առերեւոյթ պարագաներ կու գան կասկածները հաստատել: Պօղոս կը զգար հետզհետէ իր դիրքին տկարանալը, բայց ոչ կ՚ուզէր բռնադատութեան առջեւ տեղի տուած երեւալ, եւ ոչ ալ դժուարին պարագայից մէջ պատրիարքական տագնապ յարուցանել, եւ պատեհ ժամի մը կը սպասէր հրաժարելու եւ գործէ քաշուելու: Առ այս ի դէպ դատեց 1823 աշնան միջոցը, երբ սաստիկ խնդիրներ լռած էին, եւ նոր խնդիրներու նշաններ չկային: Հոկտեմբեր 18-ին հինգշաբթի օր աւագանին ժողովի գումարեց պատրիարքարանի մէջ եւ հրաժարականը յայտնեց, միայն յոգնած եւ տկարացած ըլլալը մէջտեղ դնելով: Ժողովականք թախանձանօք խնդրեցին պաշտօնը չթողուլ, բայց նա անդրդուելի մնաց եւ գրաւոր յանձնեց իր հրաժարականը: Յաջորդ օրը հրաժարագիրը կառավարութեան ալ հաղորդեց, ուսկից կայսեր մատուցուեցաւ, որ հրամայեց գործին պարագաները քննել եւ յաջորդին մասին միտքերը շօշափել: Հոկտեմբեր 24-ին չորեքշաբթի օր, եպարքոսէն հրաւէր եկաւ, եւ Պօղոս իբրեւ հրաժարեալ ել ի ճանապարհ հետի. բայց ձին ետեւէն հասուցին եւ այնպէս տարին Բարձրագոյն Դուռ: Այնտեղ ալ միայն տեառութիւն անձին իւրոյ առջեւ դրաւ, եւ վերջապէս նախարարները համոզեց, եւ յարմար յաջորդին մասին վստահեցուց: Պատրիարքարան դարձաւ, ժողով գումարեց, եւ համակամ խորհրդով ընտրուեցաւ Պալաթցի Կարապետ եպիսկոպոս, Երուսաղէմի միաբան, եւ Պօղոսի ձեռնասուն, նուիրակութեան եւ առաջնորդութեան պաշտօններ վարած (ԱՍՏ Բ. 385), որ շքեղ էր ատենաբանութեամբ եւ խորախորհուրդ մտօք (ՊԷՐ. 189): Նոյնտեղ Պօղոս պահպանիչը ըսաւ, ձեռքէն բռնելով աթոռ նստեցուց, եւ պատրիարքական գաւազանն ու մատանին ու փիլոնը յանձնեց, եւ շնորհաւորելով եւ օրհնելով մեկնեցաւ, եւ գնաց հանգստանալ Իւսկիւտար Երուսաղէմի վանքը: Կարապետի հաստատութիւնը շուտով ստացուեցաւ, եւ հոկտեմբեր 27-ին, Գիւտ Խաչի նախընթաց շաբաթ օրը Բարձրագոյն Դուռ ալ ներկայացաւ, զգեցաւ վերարկու պատուոյ, եւ մեծահանդէս փառօք դարձաւ պատրիարքարան (ԱՍՏ. Բ. 385), եւ մայր եկեղեցւոյ մէջ անդրանիկ ատենաբանութիւնը խօսեցաւ եւ խուռն ժողովուրդը օրհնեց:

2429. ՀՌՈՄԷԱԿԱՆԱՑ ԱՐԱՐՔԸ

Կարապետ պատրիարքի պաշտօնավարութեան առաջին տարիները հանդարտութեամբ անցան, եւ նշանաւոր կամ արկածալի անցքեր տեղի չունեցան: Առաջնորդական իրաւասութիւնները անաղարտ պահելու միտքով 1824 յուլիս 10-ին շրջաբերական գրութեամբ հրամայեց, որ եկեղեցականներ առանց վկայականի չընդունուին, առաջնորդներ իրենց վիճակէն չեղողները չձեռնադրեն, քահանաները պէտքէն աւելի չշատցնեն, պանդուխտները առանց վկայականի չպսակեն, եւ ամէն տեղ դպրոցներ հաստատուին (ԱՍՏ. Բ. 386): Իսկ կաթոլիկութեան խնդիրին մէջ ոչ բուռն ընդդիմութիւն ձեռք առաւ, եւ ոչ համերաշխութեան կամ միաբանութեան փորձերու ձեռնարկեց, որոնց ապարդիւն ելքը ակներեւ էր: Պօղոսի ձեռք առած փորձերը, նոյնիսկ իր մտաց հակառակ, կաթոլիկութիւնը զօրացնելու պատճառ եղած էին, զի իբր ծանուցեալ մարմին մը սկսած էին երեւալ, որոնց հետ դաշնագրութիւններ կը մշակէին, եւ որոնք պատրիարքարանին պայմաններ կ՚առաջարկէին, եւ պատրիարքարանը խոնարհեցնելու չափ առջեւ գացած էին: Կարապետի դժուար էր ստացած դիրքերէն զիրենք ետ դարձնել, ուստի գոնէ պատրիարքարանի իրաւասութեան ներքեւ պահելու համար, մտածեց կաթոլիկ եկեղեցականներէն փոխանորդ մը նշանակել, եւ անոր ձեռքով պէտք եղածը հաղորդել եւ հրամայել կաթոլիկութեան յարող Հայերուն, որ այս կերպով ոչ դաւանական բռնադատութիւն կրած, եւ ոչ պատրիարքարանի իշխանութենէն ընդվզած պիտի ըլլային: Խորհուրդը տակաւ մշակուեցաւ մինչեւ 1827, երբ Պէզճեան հաճեցաւ միջնորդն ըլլալ այդ առաջարկին: Բայց երբ անձը նշանակելու եղան, Աբբայեանք Անտոն Նուրիճան, եւ Քօլէճեանք Պօղոս Մարուշ վարդապետներու կողմը եղան, եւ առաջարկը ընթացք եւ գործադրութիւն չունեցաւ: Բայց կաթոլիկական խումբը աստիճան մը եւս զինքն զօրացած կարծեց, զի անջատ մարմին նկատուելու կերպարանն էր առած, որով պատրիարքարանի իրաւասութեան ներքեւ յատուկ բաժին մը կազմելէ, պատրիարքարանէ անկախ բաժին մը ըլլալու անցքը իրենց դիւրին երեւցաւ: Թնկըրեան Յակոբի տուն ժողովի գումարուեցան, որ սպարապետ Մէհէմմէտ Խուսրէվ փաշայի սեղանաւորն էր, եւ կայսեր մատուցուելիք աղերսագիրը պատրաստեցին եւ ստորագրեցին, խնդրելով զատուցանել զմեզ ի Հայոց, եւ տալ մեզ յատուկ պատրիարք եւ եկեղեցի: Որպէսզի իրենց խնդրանքին ոյժ տան, իբր պատճառ յառաջ բերած էին թէ Հայերը կը մտածեն կանգնել ինքեանց զմասնաւոր թագաւորութիւն իմն ի Հայաստան, ընդ հովանաւորութեամբ տէրութեան Ռուսաց, եւ թէ իրենք չեն ուզեր միաբան երեւիլ նոցա եւ հաղորդ չարախորհուրդ ապստամբութեան նոցա: Կայսրը այլայլած Պէզճեանը կը կոչէ, եւ անոր բացատրութիւնները առնելէն ետքը եպարքոսին կը գրէ, պատրիարքն ալ լսել եւ իր ազգին համար երաշխաւորութիւն պահանջել: Կարապետ պատրիարք եւ Պօղոս նախորդ պատրիարք Բարձրագոյն Դուռ կը հրաւիրուին, որոնք բացարձակ երաշխաւորութիւն կու տան իրենց հաւատարիմ ժողովուրդին համար, եւ պահանջուած բացատրութեանց ալ պատասխանելով կը յայտնեն, թէ ծխատէր քահանաներու ձեռքով իրենք ժողովուրդին նկատմամբ ամէն տեղեկութիւն կը ստանան, այլ թէ չեն կրնար երաշխաւոր լինիլ անոնց, որոնք հայ ծխատէրները կը մերժեն, լատին կամ լատինացեալ ծխատէրներու կը դիմեն, եւ հայ եկեղեցիներէ խորշելով լատին եկեղեցիներ կը յաճախեն: Կայսրը եւ Բարձրագոյն Դուռը տրուած բացատրութիւններով կը համոզուին, եւ աղերսագիրին գլուխ կանգնողները իբր զրպարտողներ աքսորի կը դատապարտեն, Յակոբ Թնկըրեանը Կեսարիա եւ Յովսէփ Թնկըրեանը Սեբաստիա, եւ 1827 հոկտեմբեր 3-ին ընտանեօք ճամբայ կը դրուին:

2430. ԱՔՍՈՐԻ ՀՐԱՄԱՆԸ

Սուլտան Մահմուտ Ատիլ արդարադատ կայսրը կ՚ուզէր աւելի եւս ընդարձակել զրպարտողներու դէմ իր խստութիւնները, սակայն չէր ուզեր անուղղակի կերպով քրիստոնեայ պետութիւնները վիրաւորած երեւալ, սակայն ի դէպ պարագաներ այդ զգուշաւորութեան ալ առջեւն առին: Յունական ապստամբութիւնը 2424) կը տեւէր եօթը տարիներէ ի վեր, երբ Ռուսիա եւ Անգղիա եւ Գաղղիա անոնց պաշտպանութեան ելան, Պեղոպոնէսի եւ Հելլադայի համար անկախ եւ ազատ տէրութիւն պահանջեցին, եւ իբր 40 մարտանաւերու տորմիղ մըն ալ ղրկեցին այն ջուրերը, ուր հոկտեմբեր 13-ին հասան: Օսմանեան ծովակալ Թահիր փաշա եւրոպացի ծովակալները բանակցութեան հրաւիրեց 16-ին, բայց անոնց գալու ատենը ռմբակոծել սկսաւ, Եւրոպացիք պատասխանեցին, եւ Նաւարինի մէջ եղող 65 մարտանաւերու տորմիղը ջնջեցին, եւ Նաւարինը ու Մեթոնը քանդեցին, որուն վրայ Գաղղիոյ եւ Անգղիոյ եւ Ռուսիոյ դեսպաններ Կ. Պոլիսէ մերժուեցան նոյեմբեր 26-ին, եւ դեկտեմբեր 18-ին պատերազմ հրատարակուեցաւ Ռուսիոյ դէմ, որ արդէն դէպ Վալաքիա կը քալէր (ՍՏԵ. 159): Այլեւս Սուլտանին ակնածութեան կամ զգուշաւորութեան տեղի չէր մնացած, մանաւանդ թէ կաթոլիկամիտներու քսութեանց եւ օտարասիրութեան եւ ըմբոստութեան ազդած զայրոյթը առաւել եւս սաստկացած էր: Երկու Թնկըրեաններուն աքսորին 2429), հետեւեցան Թնկըրեան Գրիգոր, Տավութեան Անտոն եւ Յովսէփ, Գըլճեան Գրիգոր եւ Վիչէն եւ ուրիշ քսու աղերսագիրին կազմութեան մասնակից գտնուողներ (ՊԷՐ. 190, 196), որոնք ճամբայ հանուեցան դեկտեմբեր 27-ին: Իսկ երեք օր ետքն ալ դեկտեմբեր 30-ին, առ հասարակ կաթոլիկներու մասին ձեռք առնուելիք խստութեանց հրովարտակը պատրիարքին հաղորդուեցաւ: Կարապետ հարկ սեպեց զիրենք ժողովի հրաւիրել Սամաթիոյ եկեղեցին, ուր փոխադրուած էր պատրիարքարանը 1826 օգոստոս 18-ի ահագին հրդեհէն ետքը, որ լափեց լափլիզեց Կ. Պոլսոյ մի լաւ մասը, Պահճէ քաբու եւ Այա Սօֆիա եւ Եէնիքաբու եւ Պայազիտ շրջանակին մէջ գտնուած բոլոր թաղերը, Քումքաբուի մայր եկեղեցին եւ պատրիարքարանն ալ միասին (ՊԷՐ. 474): Իրենց հաղորդուեցաւ հրովարտակը, որ հինգ կէտեր կը պարունակէր. 1. Գաղատացի կաթոլիկները Գաղատիա աքսորել բոլոր ընտանիքներով. 2. Հայ հռոմէական եկեղեցականները Եւրոպա աքսորել. 3. Կ. Պոլսեցի հայ հռոմէականներ եթէ պատրիարքին հնազանդիլ յանձն չեն առներ Անատօլուի քաղաքները աքսորել. 4. Կաթոլիկ հայ մայրապետներն ալ իրենց տեղերը աքսորել. 5. Կ. Պոլիս մնացող հայ կաթոլիկները, Բերա եւ Ղալաթիա եւ Վոսփոր, Լատին եկեղեցի ունեցող թաղերէն հեռացնել: Հրամանները բոլոր կայսրութեան համար էին, բայց գլխաւորապէս մայրաքաղաքին վրայ կը ծանրանային: Հրամանը վճռական էր եւ կայսերական զայրոյթը անողոքելի, ուստի պատրիարքը գործադրութեան հսկելէ զատ բան չէր կրնար ընել: Նոր 1828 տարւոյն յունուար 9-էն գործադրութիւնը սկսաւ Գաղատացւոց վրայ, 27-ին Կ. Պոլսեցի կաթոլիկներ սկսան Բերայէ եւ Ղալաթիայէ վտարուիլ. փետրուար 6-ին Եւրոպա աքսորուելիք եկեղեցականներ ճամբայ հանուեցան, եւ 23-ին մայրապետներէն 30 հոգի Պանտրմա եւ 11 հոգի Մահալըճ եւ ուրիշներ ուրիշ տեղեր ղրկուեցան. Կ. Պոլսեցի նշանաւոր կաթոլիկներէն Անատօլուի քաղաքները ղրկուողներ ալ եղան, եւ բաւական թուով ալ իւրովի եւրոպական երկիրներ խոյս տուին (ՊԷՐ. 195-197 եւ 479):

2431. ԳՈՐԾԻՆ ԻՍԿՈՒԹԻՒՆԸ

Ամփոփ կերպով քաղեցինք կաթոլիկական խնդիրին գլխաւոր պարագաները եւ թուականները, որ վերջին հալածանք անունով կը յիշուի հռոմէականներէն (ՊԷՐ. 195): Բնական է որ հռոմէականք ինքզինքնին հալածանքի ենթարկուած ուզեն ցուցնել իրենց դաւանութեան համար, եւ գործին աւելի գրգռիչ գոյն տալու համար պատրիարքարանը իբր հալածիչ ուզեն ներկայել, բայց այլ է իրենց ձգտումը, եւ այլ է գործին իսկութիւնը: Եթէ կաթոլիկութեան համակիր եւ նպաստաւոր ընթացք մը ուզուէր մտածուիլ, Պօղոսի եւ Կարապետի ընթացքէն աւելին դժուար էր կազմել, զի երկուքն ալ, թէպէտ հաստատամիտ հայադաւաններ, սակայն զիջողութեան չափը անցուցած ըլլալու չափ առաջ գացին, եւ մենք ալ չվարանեցանք կաթոլիկներու որոշ կերպարան եւ ինքնուրոյն դիրք եւ ձգտումներու քաջալերութիւն տուած ըլլալու մեղադրանքն ընել անոնց վրայ: Անաչառ պատմաբանը եւ անկաշկանդ քննադատը չի կրնար չտեսնալ, որ ամէն պարագայի մէջ հռոմէականներու երկդիմի ընթացքը, խոստումներէ ետքը ետ դառնալը, շարունակ պայմաններ աճեցնելը, եթէ չըսենք նենգամիտ, գէթ անուղիղ ըլլալու արատէն չ՚ազատեր զիրենք: Նոյնիսկ իրենք իրենց մէջ պառակտած, ոմանք կէս ազատամիտ եւ ոմանք խիստ մոլեռանդ, զիրար կը չէզոքացնէին, եւ իրենք իրենց փորձանքը կը պատրաստէին: Լատին նուիրակին մօտ հայ փոխանորդ մը 1758-էն հաստատուած էր, եւ վերջին անգամ Քօրէզիի մօտ ընդհանուրէն սիրուած Անտոն Նուրիճան վարդապետի տեղ Քօլէճեաններէ պաշտպանուած Գէորգ Փափազեան վարդապետին պաշտօնի անցնիլը, այնչափ ընտանի կռիւներ, անհաշտ հակառակութիւններ, եւ սոսկալի թշնամութիւններ յառաջ բերաւ, որ նոյնիսկ իրենց խոստովանութեամբ, անոնց դառն եւ արտասուալի պտուղն եղաւ 1828-ին տէրութեան կողմանէ տրուած սաստիկ հրամանը (ՀԱՍ. 19): Ասոր հակառակ հալածիչ ըսուած պատրիարքարանէն, նոյնիսկ Կարապետէ, կաթոլիկներու դէմ դիմում մը չէ եղած երբեք, մանաւանդ թէ միշտ կառավարութեան կողմէն եղած կարգադրութիւնները մեղմացնելու ճամբաներ են գործածուած. Կարապետի վերջին առաջարկը կաթոլիկ փոխանորդ մը ընդունելու պատրիարքին մօտ, զիջողութեանց ծայրագոյնն էր, սակայն անկէ ալ օգտուելու չփութացին, ընդհակառակն Հայերը քաղաքականապէս յանցաւորներ, պետութեան անհաւատարիմներ, թշնամւոյն ձեռնտուներ ցուցնելու եւ պաշտօնապէս ամբաստանելու յանդգնութեան ալ հասան: Սակայն դաւը իրենց դէմ դարձաւ, եւ փասքուս չարախորհուրդը երեւան գալով, իբրեւ երկրի խառնակիչներ կառավարական խստութիւններու ենթարկուեցան: Կուզէին Հայերը պետական յանցաւորներ ցուցնել, իրենց վրայ դարձաւ իրենց քսութիւնը, եւ իրենց փորած գուբին մէջ իրենք գլորեցան: Ցաւալի էր ապաքէն այնչափ ընտանիքներու կիներով եւ տղաքներով բռնադատեալ տեղափոխութիւնը, եւս առաւել որ յունուարի դառնաշունչ եղանակին մէջ տեղի կ՚ունենար, այլ Հայեր ոչ հրաւիրեցին եւ ոչ պատրաստեցին այդ հետեւանքները, իրենք եղան գրգռողները, մինչեւ իսկ զիրար ամբաստանողները: Կառավարութիւնն էր հրամայողը, եւ պատրիարքարանն ալ չէր կրնար գործադրութեանը ընդդիմանալ: Ի զուր է ուրեմն Հայոց պատրիարքութիւնը իբր հալածիչ ներկայելու մարմաջնին, եւ ճշմարտութեան դէմ մաքառիլ է եղելութեանց կամայական կերպարան տալու ճիգերնին:

2432. ՌՈՒՍ ԵՒ ԹՈՒՐՔ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ

Յիշեցինք արդէն Թուրքիոյ կողմէն Ռուսիոյ դէմ պատերազմ հրատարակուիլը 1827 դեկտեմբեր 18-ին 2424), բայց թշնամութիւնները յապաղեցան ձմեռնային եղանակին պատճառով, եւ միայն 1828 ապրիլ 14-ին Ռուսեր իրենց կողմանէ պատերազմ կը հրատարակէին (ԵՐՑ. Ա. 395), եւ կ՚արշաւէին Մոլտաւիա եւ Վալաքիա, որ է այժմեան Ռումանիա, յունիս 8-ին Իպրայիլը առին, եւ հետզհետէ յառաջելով Եէրկէօյ կամ Ճուրճօվա հասան, Դանուբը անցնելով Սիլիստրէ պաշարեցին եւ 25 օրուան պաշարումով գրաւեցին: Տակաւ յառաջանալով Վառնա պաշարեցին, եւ հոկտեմբեր 2-ին այն ալ գրաւեցին, եւ հետզհետէ Կէլիպօլու հասան, մինչ միւս կողմէն ուրիշ բանակ մը ասիակողմէն կը յառաջանար Պասքեւիչի հրամանատարութեամբ, եւ հետզհետէ կը գրաւէր Փօթի, Ախլցխա, Կարս, Ալաշկերտ, Տիատին եւ Պայազիտ: Իսկ եւրոպական բանակը Տիպիչի հրամանատարութեամբ մինչեւ Ահեօլու ալ կը հասնէր: Ձմեռը վրայ հասնելուն պատերազմը ընդհատեցաւ. բայց նոր ոյժերով վերսկսաւ 1829 գարունին, յուլիս 22-ին ինկաւ Իսլիմիա եւ օգոստոս 7-ին գրաւուեցաւ Ադրիանուպոլիս եւրոպակողման մէջ, իսկ ասիակողմը արդէն Կարին առնուած էր յունիս 27-ին (ԵՐՑ. Ա. 421), եւ Պայազիտ յուլիս 4-ին (ԵՐՑ. Ա. 423), եւ Կիւմիշխանէ օգոստոս 13-ին (ԵՐՑ. Ա. 426), եւ հետզհետէ Բաբերդն ու Տրապիզոնը: Երբոր Ռուսեր Սիլիվրի հասան մայրաքաղաքը դղրդեցաւ եւ հաշտութիւն խնդրելու հարկը տեսնուեցաւ: Բրուսիոյ դեսպանին գլխաւորութեամբ օսմանեան պաշտօնէից պատուիրակութիւն մը Կ. Պոլիսէ Ադրիանուպոլիս հասաւ եւ Տիպիչի ներկայացաւ հաշտութիւն խնդրելու: Թշնամութիւններ դադրեցան, բանակցութիւններ սկսան, որոնք 20 օրով վերջացան սեպտեմբեր 2-ին (ԵՐՑ. Ա. 428), եւ Ադրիանուպոլսոյ դաշնագիրը կազմուեցաւ 12 յօդուածներով եւ կնքուեցաւ հոկտեմբեր 7-ին: Առաջին յօդուածները Վալաքիոյ եւ Մոլտաւիոյ ազատութիւնը, եւ ասիակողմէն Ռուսիոյ թողուելիք տեղերը, եւ երրորդը պատերազմական տուգանքը կը պարունակէին: Տարտանէլի եւ Վոսփորի նեղուցներէն ազատ անցքը, եւրոպական տէրութեանց Կ. Պոլիս մի մի մարտանաւ պահելը, եւ օսմանեան մարտանաւերուն Սեւ ծով չելլալը կը պայմանաւորուի միւս երեք յօդուածներով: Օսմանեան հպատակներուն 18 ամիս պայմանաժամ կը տրուի Ռուսիա անցնելու, եւ չորս եւս յօդուածներ Յունաց թագաւորութեան հաստատութիւնը եւ անոր իրաւունքներն ու սահմանները կը ճշդեն 2424): Վերջին յօդուածով որեւէ կրօնքէ եղողներուն ազատութիւն կը տրուի ուզած հաւատքնուն հետեւիլ: Այս պայմաններուն գործադրութեան իբր երաշխաւորութիւն, կ՚որոշուի որ Եւրոպիոյ Սիլիստրէ եւ Ասիոյ Կարին քաղաքներու մէջ ռուսական գունդեր մնան մինչեւ մէկ տարի:

2433. ՏԱՃԿԱՀԱՅՈՑ ԳԱՂԹԸ

Եօթներորդ յօդուածով որոշուած գաղթելու պայմանաժամը, նպատակ ունէր Կարնոյ եւ Կարսի եւ Պայազիտի եւ անոնց գաւառներուն մէջ եղող Հայերուն վիճակը ապահովել, որոնք ռուսական տիրապետութիւնը տեւական կարծելով ընդարձակած էին հակատաճկական ցոյցերը, եւ յուսախաբ մնացին երբոր հաշտութեան դաշնագիրը նորէն Օսմանեանց վերադարձուց այդ քաղաքները: Ներսէս թելադրեց, եւ Ռուս կառավարութիւնն ալ քաջալերեց գաղթականութիւնը, նպատակ ունենալով շէնցնել եւ բազմամարդացնել նոր գրաւուած երկիրները: Որոնք որ շտապ ունէին յառաջընթաց փոքր կարաւան մը կազմեցին, եւ 1829 հոկտեմբեր 14-ին Կարինէ մեկնեցան, սակայն վերահաս ձմեռը 1830 գարունին յետաձգեց բուն գաղթը: Ձմեռը զբաղեցան պատրաստութեանց, շարժական եւ անշարժ ստացուածքներ վաճառելու, փոխադրութեան միջոցներ ճարելու, եւ պետական արտօնութեամբ նոր երթալիք երկիրնին իրենց տեղեր որոշելու: Ամէնէն աւելի Ախլցխայի քաղաքն ու գաւառը դիւր եկաւ Կարնեցոց, Կարսեցիք ընտրեցին Ղարաքիլիսէ եւ Ղփչաղ, հռոմէադաւաններ Լօռիի կողմերը. ըստ այսմ ուրիշ տեղացիներն ալ: Պասքեւիչի կողմէ զօրավար Պանկրատիէվ վերակացու նշանակուեցաւ գաղթականութեան, եւ ամենայն փութով աշխատեցաւ գաղթողներու դիւրութիւններ պատրաստելու, որուն օգնեցին Ներսէսի ղրկած եպիսկոպոսն ու վարդապետը: Նոր տարւոյ մայիսի կէսին սկսաւ մեծ շարժումը, երբ տակաւին ձիւն եւ ցեխ էին ճանապարհները, սայլեր քիչ եկան գաղթողներուն եւ մինչեւ Տփղիսէ բերել տալու միջոցներ ձեռք առնուեցան: Կարնոյ քաղաքի 3000 տուներէն հազիւ մի քանի տասնեակներ մնացին տեղերնին: Կարապետ եպիսկոպոս Կարնոյ առաջնորդ քաջալերող եւ կարգադրողն էր գաղութին, եւ յունիս 3-ին ինքն ալ մեկնեցաւ, ինչպէս եւ Կարսի առաջնորդ Ստեփան եպիսկոպոս: Հետզհետէ պարապուեցան Կարնոյ դաշտը, Դերջան, Թորդում, Բասեն, Թէքման, Խնուս, Ալաշկերտ, Տիատին, Պայազիտ, հակառակ որ տեղացի Թուրքեր կը վստահեցնէին տեղերնին մնալ, եւ Կ. Պոլիսէ յղուած Բարթողիմէոս վարդապետ նոր առաջնորդը կը ջանար գաղութը արգիլելու: Յունիս 5-ը ռուս գունդին վերջին օրն էր, եւ 2000 տնուոր Կարնեցիներու խումբ մը անոր հետ մեկնեցաւ, եւ դիւրութեան համար առժամանակեայ կերպով վրաններու ներքեւ մնաց Ախուրեանի եզերքը, Կիւմրի աւանի շուրջը, որ յետոյ Ալեքսանդրապոլ քաղաքն եղաւ: Գաղթողներու համագումարը 100, 000 կը հաշուուի սովորաբար (ԵՐՑ. Ա. 442), որոնց մէջ 3000 կաթոլիկներ եւ 2000 յոյներ: Բաւական երկար տեւեց այդ բազմութիւնը զետեղելու եւ հանգստացնելու աշխատանքը. ռուսական կառավարութիւնը նպաստներ բաշխեց, եւ հինգ տարիով վճարելի փոխատուութիւններ ալ ըրաւ, քանի քանի յատուկ պաշտօնեաներ ղրկեց, որոնց մէջ 1830 օգոստոսին Սերովբէ Արարատեան եպիսկոպոսն ալ քննելու եւ կարեւորը տնօրինելու իշխանութեամբ, որ հոկտեմբեր 23-ին Ախլցխայի նոր քաղաքաբաժինին հիմնարկութեան հանդէսին ալ գտնուեցաւ: Իրաւ մեծ եղան գաղթականութեան նեղութիւնները, բայց կրցան իրենց հանգստաւէտ ապագայ մը պատրաստել (ԳՂԹ. 5-32):

2434. ԿԱԹՈԼԻԿՆԵՐՈՒ ԶԱՏՈՒԻԼԸ

Դաշնագիրին վերջին յօդուածը կը շօշափէր առաւելապէս հայ կաթոլիկներու վիճակը, զի Թուրքիոյ մէջ ուրիշ կողմէն կրօնից խնդիր չկար, եւ ծանուցեալ կրօնքներ ազատօրէն կը պաշտուէին: Միայն թէ օսմանեան կայսրութիւնը իր երկրին քրիստոնէութիւնը երկու մասերու բաշխուած գիտէր, յունական օրթոտոքսութիւնը, եւ արեւելեան ուղղափառութիւնը, որոնց գլուխ կը ճանչնար Յունաց եւ Հայոց պատրիարքները, եւ անոնց հնազանդ կ՚ուզէր բոլոր քրիստոնեաները: Կաթոլիկութիւնը օտարազգեաց կրօնք գիտէր, եւ անոր յատուկ դիրք եւ կերպարան չէր ճանչնար իր հպատակներուն վրայ: Այս էր իսկապէս կաթոլիկ եղող Հայերը` Հայոց պատրիարքին հնազանդեցնելու հրամանը: Ադրիանուպոլսոյ դաշնագրութեան վերջին յօդուածը կաթոլիկ եղողներուն ինքնուրոյն գիրք մը ստեղծելու նախաշաւիղն էր, եւ առաջին անգամ Գաղղիոյ դեսպանը Անգղիոյ դեսպանին ձեռնտուութեամբ, կայսեր տրուած 1829 նոյեմբեր 11-ի խնճոյքին առթիւ, աքսորեալ կաթոլիկներուն դարձը խնդրեցին եւ ստացան (ՊԷՐ. 482. ՍՏԵ. 159), եւ ըստ այսմ մասնաւոր հրամանագիրներ ղրկուեցան ուրուրեք աքսորեալներ կը գտնուէին (ՊԷՐ. 213): Անկէ ետքը նոյն դեսպաններ կաթոլիկներու համար ինքնուրոյն ազգային վարչութիւն մը խնդրեցին, իբր միակ եղանակ շարունակեալ գժտութիւնները եւ միջադէպները վերջացնելու, եւ այդ ալ շնորհուեցաւ 1830 յունուար 6-ին: Շնորհը իրականացնելու համար նախապէս հոգեւոր պետի մը գոյութիւնը պէտք էր, զի օսմանեան օրէնսդրութեամբ նա էր որ իր քրիստոնեայ հասարակութեան վրայ կը վայելէր եւ կը գործադրէր այն ամէն իրաւունքները, որ Սուլտան Մէհէմմէտ Ֆաթիհի օրէն հաստատուած էին 1488): Յոյներ եւ Հայեր իրենց հոգեւոր պետը ընտրելով կը ներկայացնէին կառավարութեան, որ զայն կը հաստատէր եւ ի հարկին պաշտօնէ կը ձգէր: Կաթոլիկներուն դիրքը այդ մասին դժուարութեան կը մատնուէր, զի իրենց պետը Հռոմէ պիտի ընդունէին, եւ կառավարութեան ալ իբրեւ իրենցմէ ընտրուած պիտի ներկայացնէին, եւ այս հիմամբ Հռոմի հետ բանակցութիւնք սկսան: Պիոս Ը. պապ 1829 մարտ 19-31-ին ընտրուած, եւ կաթոլիկութեան արկածներուն գիտակ, եւ բնութեամբ ալ մեղմ եւ շահեցող, հաւանեցաւ որ ժողովրդական ընտրութեամբ ընտրելիներ առաջարկուին: Կ. Պոլսոյ կաթոլիկ հայութիւնը, 1830 փետրուար 15-ին ժողովի գումարուեցաւ 96 անձանց ներկայութեամբ, 87 քուէով առաջին ընտրելի ցուցուեցաւ Անտոն Նուրիճան վարդապետ, նոյնը որուն ետ թողուիլը անգամ մը շփոթի առիթ տուած էր 2431): Թունդ Քօլէճցոց ընտրելին ալ այս անգամ ալ Պօղոս Մարուշ վարդապետն էր, որ շատ քիչ քուէ շահեցաւ, բայց Քօլէճեանք ծածուկ հնարքներու կը ձեռնարկէին, եւ Նուրիճանի մասին քսութիւններ կը յօրինէին իրենց պաշտպանեալը յառաջացնելու համար (ՊԷՐ. 215 եւ ՀԱՍ. 23-25): Պապը օրինաւորութեան անսալով ժողովրդական ընտրութիւնը յարգեց, եւ 1830 յուլիս 11-ին (ՓԱՓ. 1010) անձամբ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն տուաւ Նուրիճանին, եւ արքեպիսկոպոսական աստիճանի բարձրացուց (ՊԷՐ. 215): Սակայն ընդհանուր հայ կաթողիկոսութեան վրայ իրաւասութիւն չտուաւ, զի Թուրքիոյ հարաւային եւ միջին կողմերը արդէն իրենց կաթողիկոս պետ մը ունէին Արծիւեանէ սկսելով 2013), որով Նուրիճանի յանձնուեցան Թուրքիոյ հիւսիսային մասերը, Կ. Պոլիս, Պրուսա, Անկիւրիա, Տրապիզոն, Կարին եւ Արդուին, եւ աւելի շեշտուեցաւ հայ կաթոլիկութեան ամբողջական մարմին մը չըլլալը