Տ.
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ
Ը.
ԿԱՐԲԵՑԻ
2483.
ԿԱՐԲԵՑԻՆ
ՅԷՋՄԻԱԾԻՆ
Նոր
կաթողիկոսի
մը
ժամանակամիջոցը
ձեռք
առած
ատեննիս,
սովոր
էինք
նախապէս
անոր
անցեալը,
բայց
վերջին
դարուս
գործերն
ու
եղելութիւնը
մանրապատում
կերպով
մեզի
ծանօթ
ըլլալուն,
եւ
հայրապետական
գահը
բարձրացնողներուն
կանխաւ
ասպարէզի
վրայ
գտնուելուն
պատճառով,
անոնք
իբր
արդէն
ծանօթ
անձեր
կը
ներկայանան
մեզի
եւ
նախընթացնին
պրպտելու
պէտք
չենք
ունենար:
Կարբեցիին
մասին
խօսիլ
սկսած
ենք
Եփրեմի
կաթողիկոսութեան
առաջին
օրերէն
(§
2334),
եւ
շարունակաբար
հետեւած
ենք
անոր
գործունէութեան,
որ
դժբախտաբար
աւելի
իր
անձին
քան
հանրութեան
օգտին
շուրջը
կը
դառնար:
Նախ
կաթողիկոսին
եւ
կաթողիկոսութեան
վրայ
ազդելու,
եւ
յետոյ
նոյնիսկ
կաթողիկոսութեան
հասնելու
ճիգերը
վերջապէս
պսակուեցան,
թէպէտ
ոչ
առանց
անուղիղ
միջոցներու:
Այլ
այսպէս
թէ
այնպէս
1831
յունիս
30-ի
կայսերական
հրովարտակը
եկաւ
պսակել
անոր
այնչափ
տարիներէ
ի
վեր
տածած
փափաքը
եւ
գործածած
ջանքերը,
եւ
պաշտօնապէս
տիրացաւ
Ամենայն
Հայոց
հայրապետական
աթոռին:
Յովհաննէս
69
տարեկան
էր
կաթողիկոս
եղած
ատեն
(§
2334),
եւ
կը
գտնուէր
Տփղիս,
ուր
յուլիսի
մէջ
ձեռքը
հասած
կըլլայ
կայսերական
հրովարտակը,
եւ
իբր
ամիսուկէս
եւս
Տփղիս
մնալով
սեպտեմբերի
սկիզբները
կը
մեկնի,
եւ
15-ին
Էջմիածին
կը
հասնի:
Սինոդին
կողմանէ
հրաւիրակներ
ղրկուած
էին
Գրիգոր
Արհեան
ու
Բարսեղ
Ատրպատականի
եպիսկոպոսներ,
եւ
Մատթէոս
ու
Յովսէփ
վարդապետներ,
յետինը
նոյն
ատեն
Մատթէոսեան
Տէր-Մարութեանց
Կարբեցի
վարդապետը,
որ
իբրեւ
Ներսէսի
անձնուէր
յատուկ
յանձնարարութիւններ
ստացած
էր
անկէ
(§
2459),
բայց
Ներսէսի
Տփղիսէ
հեռացուելէն
ետքը
Կարբեցիին
կողմն
էր
անցած,
որուն
հայրենակից
եւ
ազգակիցն
ալ
էր,
այլեւս
անկէ
յուսալով
իր
ապագայ
բարձրացումը:
Կարբեցին
Տփղիսի
առաջնորդութեան
միջոցին
ամէն
ջանք
թափած
էր,
Տփղիսեցւոց
մոռցնել
տալ
Ներսէսի
անունը
եւ
իրեն
գրաւել
անոնց
համակրութիւնը,
բայց
ապարդիւն
անցած
էին
իր
բոլոր
ջանքերը,
որ
մինչեւ
իր
մեկնելուն
օրն
ալ
շեշտուեցաւ:
Փոխանակ
աւելի
գերազանց
արդիւնքներ
ցոյց
տալու,
Ներսէսինները
աղարտելու
ճամբան
ընտրեց,
եւ
չյաջողելով
Ներսէսի
անձին
վրայ,
Ներսիսեան
ուսումնարանին
վրայ
թափեց
իր
ցասումը:
Վարժարանը
զրկեց
իր
եկամուտներէն,
հինգդասեան
ընթացքը
երկդասեանի,
400
աշակերտնրը
160-ի,
եւ
11
ուսուցիչները
3-ի
վերածեց:
Միւս
կողմէն
իրեն
պետական
պաշտպանութիւն
աւելցնելու
համար
վարժարանին
պարպուած
մասերը
զինուորական
վարչութեան
տրամադրեց,
եւ
վարժարանի
Կոջոր
կալուածը
կառավարութեան
նուիրեց,
բայց
իբր
փոխարինութիւն
առատ
ճանապարհածախսէ
աւելի
բան
մը
չստացաւ:
Պանկրատիէվ
որ
կառավարչական
տեղեկութիւն
կը
վարեր,
փափաքեցաւ
անձամբ
ներկայ
գտնւիլ
օծման
արարողութեան,
ուստի
Կարբեցին
Էջմիածին
հասնելէն
ետքը
պարտաւորուեցաւ
յետաձգել
տալ:
Իսկ
Պանկրատիէվ
ալ
իր
փափաքին
չհասաւ,
զի
ինքն
չգացած
հոկտեմբեր
7-ին
հասա
Բարոն
Գրիգոր
Ռօզէն
նոր
կառավարչապետը,
եւ
ինքն
ուզեց
արարողութեան
երթալ,
բայց
անկարող
եղաւ
փափաքը
լրացնել,
եւ
այլեւս
չերկարելու
համար
ներկայացուցիչ
նշանակեց
Երեւանի
նահանգապետ
իշխան
Վասիլ
Բեհբութեանը
(ԵՐՑ.
Բ.
14),
որ
արդէն
Կարբեցիին
ընտրութեան
մէջ
ալ
ազդեցիկ
դեր
վարած
էր
(§
2471):
Հոկտեմբեր
28-ին
Տփղիսէ
ճամբայ
հանեց
Վլանդալի
յոյն
զօրավարը
եւ
Փալանդով
վրացի
իշխանը
եւ
Արարատեան
Սերովբէ
եպիսկոպոսը,
իբր
Բեհբութեանի
ընկերակիցներ,
եւ
հրաման
ալ
ըրավ
որ
Երեւանէ
քաղաքական
եւ
զինուորական
պաշտօնակալներ,
վաշտ
մը
զինուոր
եւ
թնդանօթներ
եւ
նուագածուաց
խումբ
մը
Էջմիածին
երթան
(ԵՐՑ,
Բ.
14):
2484.
ՕԾՄԱՆ
ՀԱՆԴԷՍԸ
Ռօզէն
թէպէտ
բացակայ,
բայց
ստացած
հրահանգին
համեմատ,
ամէն
ջանք
ըրաւ
օծման
արարողութիւնը
շքեղ
եւ
փառաւոր
կատարելու:
Առաջին
անգամ
է
որ
ռուսական
տիրապետութեան
ներքեւ
այսպիսի
արարողութիւն
մը
տեղի
կ՚ունենար,
անձը
իբր
ռուսական
քաղաքականութեան
նուիրեալ
եւ
հաճոյակատար
ըմբռնուած
էր,
միանգամայն
ժողովրդականութիւն
վայելող
Ներսէսի
դէմ
մրցակից
կը
ճանչցուէր,
որով
կառավարութեան
պատիւը
կը
պահանջէր
իր
պաշտպանելը
ըստ
կարի
բարձրացնել
եւ
հանրութեան
հաճելի
ընել:
Դուրսէն
եկողները
յիշեցինք,
ներսն
ալ
պատրաստութիւնները
ճոխութեամբ
կատարուեցան.
նոյեմբեր
6
ուրբաթ
օր
պաշտօնական
ձեւակերպութիւնները
կատարուեցան
Սինոդի
մէջ,
եւ
Սինոդի
հետ
գործելու
երդումը
ստացուեցան,
իսկ
7-ին
շաբաթ
օրը,
Հրեշտակապետաց
տօնին
երեկոյին,
մեծահանդէս
թափօրով
եւ
18
զանգակներու
միաձայն
հնչմամբ,
նորընտիրը
առաջնորդուեցաւ
մայր
տաճարը
Իջման
սեղանին
առջեւ,
ուր
եկեղեցւոյ
երկրպագութեան
սովորական
աղօթքներէն
ետքը
կարդացուեցաւ
նախ
կայսերական
հրովարտակը
ռուսերէն
եւ
հայերէն
լեզուներով,
եւ
ապա
երդման
ձեւը
զոր
նորընտիրը
ստորագրեց
եւ
յանձնեց,
եւ
յետոյ
կատարուեցաւ
երեկոյեան
ժամերգութիւնը,
եւ
ժամ
մը
ետքն
ալ
եկեսցէն
եւ
հսկումը:
Յաջորդ
օրը
նոյեմբեր
8
Խաչի
իններորդ
կիրակէ,
օծման
արարողութիւնը
կատարուեցաւ
եւ
առաջին
հայրապետական
պատարագը
մատուցուեցաւ,
Մաշտոցի
կարգադրութեան
համաձայն
(ԵՐՑ.
Բ.
18-19),
եւ
որպէսզի
հանդիսաւոր
արարողութեանը
աւելի
շուք
տրուի,
ամբողջ
վաշտը
միանուագ
հրացան
արձակեց,
եւ
թնդանօթներ
101
անգամ
արձակուեցան
(ԵՐՑ.
Բ.
21):
Եկեղեցւոյ
մէջ
աւուր
պատշաճի
ատենաբանութիւն
մըն
ալ
արտասանեց
Շահխաթունեան
Յովհաննէս
վարդապետ
(ՇԱՀ.
Ա.
237):
Երկոտասան
հանդիսագիր
եպիսկոպոսներն
եղան,
Կարապետ
Կարնեցին,
Գրիգոր
Բաբաջանեան,
Գրիգոր
Շամշատինի,
Յակոբ
Ժամօրհնող,
Ստեփան
Չախալեան,
Ստեփանոս
Ծերունեան,
Սերովբէ
Արարատեան,
Սահակ
Վաղարշապատցի,
Ստեփանոս
Գեղամեան,
Բարսեղ
Ատրպատականի,
Յովհաննէս
գրագիր
եւ
Խաչատուր
Նախիջեւանի
(ԵՐՑ.
Բ.
20):
Եփրեմ
չէր
կրցած
եկեղեցի
իջնալ,
որչափ
ալ
կայսերական
հրովարտակը
իրեն
յանձնարարած
էր,
կարգաւորել
եւ
կատարել
զօծութիւն
եւ
զձեռնադրութիւն
նորա
համակ
պարտուպատշաճ
հանդիսավեհութեամբ
(ԵՐՑ.
Բ.
9),
իսկ
Մարտիրոս
տեղապահ
երեք
շաբաթ
առաջ
հոկտեմբեր
16-ին
վախճանած
էր
(ՄՍՐ.
229),
որով
եպիսկոպոսական
դասուն
գլուխ
կանգնեցաւ
Կարապետ,
նախկին
Կարնոյ
եւ
այժմ
Տայոց
արքեպիսկոպոսը:
Եփրեմ
բաւականացաւ
վեհարանին
մէջ
դիմաւորել
նոր
օծեալ
կաթողիկոսը,
եւ
կայսրը
եւ
ազգատոհմը
օրհնելով,
ձեռքովը
յանձնեց
խաչապսակ
գաւազանը,
երկու
պաշտօնական
պանակէները
եւ
վարդաձեւ
մատանին,
եւ
գագաթը
համբուրելով
գնաց
ի
տեղի
իւր
այրն
Աստուծոյ
(ԵՐՑ.
Բ.
20):
Նոյն
օր
300
հրաւիրեալներու
ճաշ
տրուեցաւ
(ԵՐՑ,
Բ.
22),
եւ
երեկոյեանի
ատեն
ալ
երկու
եպիսկոպոսներ
կալեալ
զձեռաց
նորա
հանին
յաթոռ
հայրապետական
(ԵՐՑ.
Բ.
20),
եւ
արարողութիւնները
վերջացան:
Մարտ
16-էն
նոյեմբեր
8,
մօտաաւորապէս
8
ամիսներ
անցած
էին,
մինչեւ
որ
նորընտիր
Յովհաննէսի
հայրապետական
գործունէութիւնը
պաշտօնապէս
սկսէր:
2485.
ՀՐՈՎԱՐՏԱԿ
ԵՒ
ԵՐԴՄՆԱԳԻՐ
Յովհաննէսի
ուղղած
հրովարտակը
համառօտ
է
եւ
1831
յունիս
30
թուականը
կը
կրէ,
իսկ
մեծ
հրովարտակը
որ
Մայրտաճարին
մէջ
ալ
կարդացուեցաւ,
ուղղուած
է
Եփրեմ
կաթողիկոսի
եւ
բոլոր
եկեղեցական
եւ
աշխարհական
աստիճանաւորներու,
եւ
1831
յուլիս
1
թուականը
կը
կրէ,
Կարբեցիին
ուղղուածին
յաջորդ
օրը:
Ասոր
մէջ
նախ
կյիշուի
Եփրեմի
1812-ին
եւ
դարձեալ
1828-ին
հրաժարիլը,
եւ
հրաժարականներուն
մերժուիլը,
եւ
վերջին
1831-ի
հրաժարականին
ընդունուիլը
գլխաւոարպէս
միւռոն
օրհնելու
եւ
եպիսկոպոս
ձեռնադրելու
կարողութիւնը
կորուսած
ըլլալուն
համար:
Յետոյ
կը
պատմուին
կատարուած
ընտրութեան
մանրամասնութիւնները,
եւ
երկու
ընտրելիներէն
Յովհաննէսի
հաստատուիլը:
Նշանակալից
կէտն
այն
է,
որ
ոչ
միայն
նորընտիրին
օծումը
Եփրեմի
կը
յանձնարարուի,
այլեւ
յայտնապէս
կը
հրահանգուի,
թէ
ունի
գործակից
լինել
նորոգ
ընտրեալ
պատրիարքին
յամենայն
ծանրագոյն
դիպուածս
վերաբերեալս
առ
կառավարութիւն
եկեղեցւոյս
այսորիկ
իւրովք
խորհրդովք
եւ
խրատուք
(ՄՍՐ.
223):
Բայց
յիշուած
չենք
գտներ,
որ
Յովհաննէս
երբեք
Եփրեմին
խորհուրդին
դիմել,
կամ
Եփրեմ
կաթողիկոսութեան
գործերու
միջամտել
ուզած
ըլլան:
Իսկ
երդմնագիրը
զոր
նորընտիրը
ստորագրեց,
կը
խոստանայ
Հայաստանեայց
եկեղեցւոյ
դաւանութիւնը
անխախտ
պահել,
եկեղեցւոյ
պաշտօնեաները
բարեկարգել
եւ
պայծառացնել,
ջատագով
լինել
ուսումնականութեան
եւ
մանաւանդ
ընտիր
աստուածապաշտութեան,
հաւատարիմ
ըլլալ
Ռուսաց
կայսեր
ակնկարկութեան
եւ
տնօրէնութեանց,
որք
հային
յօգուտ
տէրութեան,
սրբոյ
եկեղեցւոյ
եւ
ազգին
իմոյ,
եւ
խնամել
իրեն
յանձնուած
բանաւոր
հօտը:
Այդ
համառօտ
վերլուծումները
գաղափար
կու
տան
պաշտօնական
շրջանակներու
մէջ
տիրող
մտայնութեան,
մանաւանդ
Յովհաննէսը
կերպով
մը
Եփրեմի
խրատներուն
ենթարկելը
կը
ցուցնէ,
թէ
որչափ
ալ
նա
պետական
պաշտպանութիւն
կը
վայելէր,
բայց
իր
կարողութեան
վրայ
կատարեալ
վստահութիւն
չէր
ներշնչեր:
2486.
ՇՐՋԱԲԵՐԱԿԱՆ
ԳԻՐԵՐ
Նոր
կաթողիկոսին,
ինչպէս
ամէն
նոր
պաշտօնի
անցնողին,
առաջին
գործը
պիտի
ըլլար
զինքը
ճանչցնել
եւ
իր
ուղղութիւնը
բացատրել,
մանաւանդ
որ
ներկայ
պարագային
մէջ
մտահոգութեան
առարկայ
կրնայ
ըլլալ
Տաճկահայոց
վերաբերումը
սոյն
ընտրութեան
հանդէպ,
որուն
մասնակցելու
չհրաւիրուեցան,
եւ
անսովոր
ալ
էր
օրինաւոր
եւ
ընկալեալ
կաթողիկոսին
կենդանութեան
նոր
մը
օծել,
ոչ
իբրեւ
աթոռակից,
ինչպէս
երբեմն
սովորութիւն
եղած
էր,
եւ
ոչ
ալ
լքեալ
աթոռին
տէր
մը
գտնուելու
համար,
ինչպէս
Մովսէս
Տաթեւացիին
առթին
տեղի
ունեցած
էր:
Այլ
օրինաւոր
եւ
սիրեցեալ
կաթողիկոս
մը
գործէ
հեռացնելու
ձեւով,
մանաւանդ
որ
այս
փոփոխութիւնը
կը
կատարուէր
լոկ
ռուսական
Հայաստանի
ամփոփ
սահմանին
մէջ,
առանց
ուրիշ
երկիրներու
ազգայնոց,
եւ
յատկապէս
առանց
Տաճկահայոց
գիտութեան
եւ
հաւանութեան:
Ռուսաստանի
վիճակներուն
յղուած
շրջաբերական
կոնդակը,
եղելութեանց
պարզ
պատմութենէն
եւ
ընդհանուր
եւ
սովորական
խրատներէն
զատ
բան
մը
չէին
պարունակեր,
ինչպէս
կը
տեսնանք
Բեսարաբիոյ
ուղղուած
օրինակին
հրատարակութենէն,
որ
1831
դեկտեմբեր
1
թուականը
կը
կրէ
(ՄՍՐ.
216-232),
օծումէն
22
օր
ետքը:
Պարսկաստանի
վիճակներուն
ալ
կրնար
միեւնոյն
ձեւով
գրուիլ,
զի
անմիջապէս
Էջմիածնի
ենթարկեալ
վիճակներ
են
եւ
իրարու
հետ
միացեալ
առանձին
մարմին
մը
չեն
կազմեր,
ինչոր
ճշմարտուի
Թուրքիոյ
վիճակներուն
վրայ:
Այս
է
պատճառը
որ
Թուրքիա
յղուելիք
շրջաբերականները
պետական
խնդիրի
կարեւորութիւնը
ստացան:
2487.
ՏԱՃԿԱՀԱՅՈՑ
ՂՐԿՈՒԵԼԻՔՆԵՐ
Յովհաննէսի
գլխաւոր
կասկածը
Եփրեմի
հրաժարականին
շուրջն
էր,
մի'
գուցէ
Տաճկահայք
զինքն
աթոռը
յափշտակող
եւ
բռնութեամբ
կամ
խաբէութեամբ
Եփրեմը
տապալող
մը
կարծեն:
Իբրեւ
դարման
մտածեց
իր
կոնդակին
ձեւով
երկրորդ
մըն
ալ
Եփրեմի
բերնէն
պատրաստել
տալ,
իր
կամովին
հրաժարականը
յայտարարող,
ինչ
որ
առանց
դժուարութեան
Եփրեմ
ստորագրեց:
Նմանօրինակ
կոնդակներ
Երուսաղէմի
աթոռին
հասցէին
ալ
պատրաստուեցան,
եւ
գրութեանց
ոյժ
տալու
եւ
Տաճկահայերը
համոզելու
համար,
յատուկ
պատուիրակներ
ալ
նշանակուեցան,
Բարսեղ
եպիսկոպոս
Ատրպատականի
առաջնորդ,
եւ
Յովհաննէս
վարդապետ
Շահխաթունեան:
Բայց
պատգամաւորները
եւ
գիրերը
ճամբայ
չելած,
խորհեցաւ
Յովհաննէս
պետական
հաւանութիւն
ստանալ,
եւ
Գալուստ
Էլիմիրզեան
մտերմին
ձեռքով
գործն
ու
գիրերը
կառավարչապետ
Ռօզէնի
հաւանութեան
ենթարկեց,
անցագիր
եւ
յանձնարարականներ
ալ
հանել
տալու
հրահանգով:
Ռօզէն
երբոր
մէկ
կողմէն
գիրերուն
պատճէնները
Պետրբուրգ
կը
հաղորդէր
դեկտեմբեր
2-ին,
միւս
կողմէն
գիրերը
հասցէին
յղելու
եւ
պատգամաւորները
ճամբայ
հանելու
հաւանութիւնը
Էջմիածին
գրել
կը
պատրաստուէր,
երբ
իրեն
այցելեց
Յովհաննէս
Մելիք
Ադամեան,
սերնդեամբ
Արցախեցի,
բայց
անցեալ
դարէն
Կ.
Պոլիս
փոխադրուած,
որ
դեսպանի
յանձնարարութեամբ
կու
գար
իր
հայրենական
կալուածներուն
տիրանալու,
եւ
այդ
նպատակով
կառավարչապետին
կը
ներկայանար:
Մարդը
լիովին
գիտակ
էր
Կ.
Պոլսոյ
պետական
եւ
ազգային
շրջանակներու
մտայնութեան
եւ
տեղական
գործերու
հանգամանքներուն,
եւ
Ռօզէն
հետաքրքրուեցաւ
օգտուիլ
անոր
տեղեկութիւններէն:
Մելիք-Ադամեան
համարձակօրէն
դիտել
տուաւ
թէ
Կ.
Պօլսոյ
կառավարական
շրջանակներուն
մէջ
անվստահութեամբ
կը
դիտուի
ամէն
բան
որ
Ռուսիոյ
հետ
յարաբերութիւն
ունի,
թէ
ազգային
շրջանակներն
ալ
պարտաւոր
են
հետեւիլ
այդ
ուղղութեան,
թէ
Եփրեմի
համար
պաշտոնական
դիմում
ընել
հնար
եղած
չէ,
թէ
1828
թւականէ
ասդին
կաթողիկոսի
անունին
յիշատակութիւնն
իսկ
դադրած
է
հոգեւոր
պաշտամանց
մէջ
(ԵՐՑ.
Բ.
45),
եւ
Էջմիածնի
եպիսկոպոս
ալ
Կ,
Պոլիս
չէ
տեսնուած
(ԵՐՑ.
Բ.
44),
Ռուսիոյ
եւ
Բարձրագոյն
Դըրան
մէջ
եղած
անբաւականութեան
պատճառով
(ԵՐՑ.
Բ.
31):
Ռօզէն
տպաւորուեցաւ
այդ
տեղեկութիւններէն,
առկախեց
Էջմիածին
հաւանութիւն
գրելը,
եւ
փութաց
դեկտեմբեր
12-ին
նորէն
գրել
Պետրբուրգ,
նոր
ստացած
կասկածաւոր
տեղեկութիւնները
հաղորդելով
եւ
որոշ
հրահանգ
խնդրելով:
Բլուտով
ներքին
գործոց
նախարարը,
Ռօզէնի
առաջին
նամակին
կը
պատասխանէր
դեկտեմբեր
21-ին,
եւ
Կ.
Պոլսոյ
դեսպան
Բուտէնէվէ
ալ
առած
տեղեկութիւնները
յիշելով,
յարմար
չէր
տեսնէր
Օսմանեան
տէրութեան
մտադրութիւնը
արթնցնել
պատգամաւորական
երեւոյթներով:
Նոյն
իմաստով
կաթողիկոսին
ալ
կը
գրէր
դեկտեմբեր
28-ին,
թէ
ինքն
լուր
առած
է
դեսպանէն
թէ
Կ.
Պոլսոյ
եւ
Երուսաղէմի
պատրիարքները
յայտնած
են,
որ
ամէն
նշանաւոր
հոգեւոր
արարողութեանց
վերաբերութեամբ
պարտ
են
միշտ
դիմել
առ
այդ
աթոռը,
որպէս
առ
իւրեանց
ընդհանրական
պետը
(ԵՐՑ.
Բ.
40),
իսկ
կոնդակները
կարելի
է
հեշտութեամբ
եւ
առանց
որ
եւ
է
ծախսերի
տեղ
հասցնել
մեր
դիպլօմատիկականէ
գործակատարների,
այսինքն
դեսպաններու
ձեռքով
(ԵՐՑ.
Բ.
42):
Այս
կարգադրութեան
համաձայն
Բլատով
1832
յունուար
11-ին
Ռօզէնի
կը
գրէ
որ
կոնդակներու
բնագիրները
իրեն
զրկուին
ըստ
պատկանելոյն
տեղ
հասցնելու
համար
(ԵՐՑ.
Բ.
43):
2488.
ԿԱՐԲԵՑԻԻ
ՊՆԴԵԼԸ
Յովհաննէսի
դիւր
չեկան
այդ
կերպերը,
որ
իր
կաթողիկոսութեան
վաւերականութիւնը
ազգին
մեծամասնութենէն,
այսինքն
Տաճկահայերէն
կը
սպասէր,
եւ
ռուսական
միջամտութիւնը
կը
փնտռէր
միայն,
անոնց
կողմանէ
հանուելիք
դժուարութիւնները
հարթելու,
եթէ
երբեք
տեղի
ունենային:
Իր
դիրքին
հաստատութեան
հետ
աթոռական
իրաւունքներու
եւ
շահերու
կէտերն
ալ
կային
նկատողութեան
առնուելիք,
որչափ
ալ
Կ.
Պոլսոյ
եւ
Երուսաղէմի
պատրիարքները
վստահեցնէին
թէ
իրենց
գերագոյն
պետ
կը
ճանաչեն
Էջմիածին
նստող
Ամենայն
Հայոց
կաթողիկոսը:
Վերոյիշեալ
1828
թուականէ
ասդին,
Էջմիածին
Թուրքիոյ
համար
եպիսկոպոս
չէր
ձեռնադրած,
միւռոն
չէր
բաշխած,
նուիրակ
չէր
ուղարկած,
նուէր
եւ
օգնութիւն
չէր
ստացած,
նոյնիսկ
Էջմիածնապատկան
կալուածներու
եկամուտը
չէր
գանձած:
Վերջին
միւռոնի
օրհնութիւնը
1820-ին
էր
եղած,
եւ
դադարած
էր
այդ
առթիւ
եւ
ուրիշ
առիթներով
եկող
ուխտաւորներու
երթեւեկութիւնը
որ
կաթողիկոսներ
համար
եկամուտքի
նշանաւոր
աղբիւրներից
մէկն
էր:
Նոյնիսկ
պաշտօնական
թղթակցութիւնը
դադրած
էր
Էջմիածնի
եւ
Կ.
Պոլսոյ
միջեւ:
Եւ
որովհետեւ
Տաճկահայ
վիճակներ
առանց
միւռոն
չէին
կրնար
ըլլալ,
Ասոյ
Եփրեմ
կաթողիկոսը
օգուտ
կը
քաղէր
իր
օրհնած
միւռոնը
յղել,
ինչ
որ
կրնար
հետզհետէ
Կիլիկիոյ
իրաւասութեան
ընդարձակուելուն
ալ
նպաստել:
Որ
Կիլիկիոյ
աթոռը
կրնար
օգտուիլ
պարագայէն,
իրաւամբ
կրնար
ենթադրուիլ,
բայց
անտեղի
էր
Յովհաննէսի
կասկածը
Ստեփանոս
Աղաւնի
պատրիարքին
մասին,
երբ
կը
կարծէր
թէ
Էջմիածնի
աթոռը
գերագոյն
ճանչնալով,
իսկ
պատգամաւորութիւնը
վտանգաւոր
ցուցնելով
թշնամական
դիրք
է
բռնել
այդ
պատրիարքը
առ
աթոռի
շահերը
(ԵՐՑ.
Բ.
46):
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքները
ոչ
մի
շահ
եւ
ոչ
մի
դիտում
ունէին
Սիսին
նպաստելու,
քանի
որ
ինքզինքնին
Էջմիածնի
ներկայացուցիչներ
եւ
մշտնջենաւոր
նուիրակներ
եւ
կաթողիկոսական
գործադիրներ
կը
նկատէին
(§
2336):
Էջմիածնի
համար
բաւական
էր
որեւէ
միջոցով
Կ.
Պոլսոյ
եւ
Երուսաղէմի
պատրիարքներուն
հետ
յարաբերութիւն
ունենալ,
միւռոնը
անոնց
յղել
եւ
ձեռնադրուելիքները
անոնց
կողմէն
ընդունիլ,
որ
Մայրաթոռոյ
գերագահութիւնը
պահուէր
եւ
իրաւասութիւնը
յարգուէր:
Բայց
տարբեր
էր
գործը
եթէ
նկատի
առնուէին
միւռոն
բաշխող
եպիսկոպոսներուն
անձնական
օգուտները,
եւ
ուխտաւորներուն
Հայրապետի
աջը
համբուրելու
եւ
ÆաջահամբոյրØ
տալու
անցեալը,
որ
Վեհի
անձնական
սնդուկն
է
մտել:
Յովհաննէս
այդ
կէտերը
որոճալով
1832
յունուար
30-ին
Ռօզէնի
գրելով,
պատգամաւոր
յղելու
անհրաժեշտ
պէտքը
կը
շեշտէր,
եւ
Ռօզէն
փետրուար
11-ին
Բլուտովի
կը
հաղորդէր
կաթողիկոսին
գիրը:
Բայց
Պետրբուրգ
իր
որոշումէն
չէր
փոխուեր,
եւ
որովհետեւ
Յովհաննէս
իր
եւ
Եփրեմի
կոնդակներուն
դեսպանական
միջնորդութեամբ
յղուելուն
հաւանութիւն
չէր
տար,
գիրերը
կը
մնային
Տփղիս,
Ռօզէնի
մօտ,
եւ
Տաճկահայեր
կաթողիկոսի
փոփոխութեան
պաշտօնական
ծանուցումը
չէին
ստանար
(ԵՐՑ.
Բ.
45),
թէպէտեւ
լուրը
գաղտնի
չէր
կրնար
մնալ,
բայց
գործնական
արդիւնք
չէր
ունենար,
զի
արդէն
Եփրեմի
ալ
անունին
յիշատակութիւնը
կանուխէն
դադարած
էր:
2489.
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ
ՈՒԹԵՐՈՐԴ
Կարեւորութենէ
զուրկ
չենք
կարծեր
անցողակի
դիտել
տալ
այստեղ,
թէ
Յովհաննէս
առաջինը
եղաւ,
որ
թուահամարի
մակդիրով
սկսաւ
կոչուիլ
պատմական
եւ
պաշտօնական
շրջանակներու
մէջ,
եւ
Յովհաննէս
Ութերորդ
անունով
ճանչցուիլ
(ՇԱՀ.
Ա.
140):
Աներկուանալի
է
որ
Ութերորդ
թւահամարը
փոխադրուած
է
Չամչեանի
ցուցակէն,
որ
թուահամարի
անցուցած
է
Յովհաննէս
Գ.
Բագարանցի
հակառակաթոռը,
եւ
Յովհաննէս
Ե.
Կոչած
է
Սսեցի
Մեծաբարոյ
(ՉԱՄ.
ՅԱՒ.
(109-110):
Չամշեանէն
առաջ
Ջահկեցին
ալ
Յովհաննէս
Բագարանցին
ցուցակի
անցուցած
էր,
Լուսաւորիչէն
24
րդ
թուելով,
բայց
իւրաքանչիւր
անունի
թուահամար
չէր
աւելցուցած
(§ԱՀ.
585):
Իսկ
Շահխաթունեան
թէպէտ
Բագարանցին
չի
յիշեր,
բայց
Յովհաննէս
Բ.
Գաբեղեանէ
ետքը
(ՇԱՀ,
Ա.
182),
Յովհաննէս
Դ.
կ՚անուանէ
Օձնեցին
(ՇԱՀ.
Ա.
186),
եւ
Ութերորդ
կը
դնէ
Կարբեցին
(ՇԱՀ.
Ա.
236),
Չամշեանի
թուահամարին
հետեւողութեամբ:
Մենք
Բագարանցին
թուահամարէ
դուրս
թողուցինք
(§
389),
եւ
Յովհաննէս
Է.
եղած
պիտի
ըլլար
Կարբեցին,
սակայն
թիւրիմացութեամբ
ցուցակներէ
դուրս
թողուած
Յովհաննէս
Աջակիրի
անունը
կաթողիկոսաց
գաւազանին
անցունելով,
անոր
վրայ
լրացուցինք
եօթներորդ
թուահամարը
(§
1507),
որով
պատմական
ճշդութեամբ
կրնանք
պահել
Կարբեցիին
վրայ
Յովհաննէս
Ը.
Կոչումը:
Յովհաննէսի
յաջորդող
կաթողիկոսներ
իրենց
կենդանութեան
ատենէն
թուահամարով
կոչուելու
սովորութիւնը
պահեցին,
եւ
նոյնպէս
կը
շարունակուի
մինչեւ
այսօր:
Իսկ
նախընթացներն
ալ
թուահամարով
որոշելու
սովորութիւնը
պատմականօրէն
ընդունուեցաւ
եւ
տարածուեցաւ,
որուն
մենք
ալ
հետեւեցանք,
թուահամարին
հետ
տեղական
կամ
ցեղական
մականուն
մըն
ալ
աւելցնելով
միշտ,
որպէսզի
հին
ու
նոր
սովորութիւնները
միանգամայն
յարգած
ըլլանք
եւ
անձնաւորութիւնները
ճշդելու
դիւրութիւն
ընծայենք:
2490.
ՄԻՒՌՈՆԻ
ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Յովհաննէս
Տաճկահայոց
յարաբերութեան
մտնելու
հետամուտ,
երբոր
տեսաւ
որ
ռուսական
կառավարութիւնը
իր
տեսաակէտէն
չի
խախտիր,
գործնական
կերպով
իր
նպատակին
կարծեց
հասնիլ
1832
տարւոյ
առաջին
օրերէն
ամէն
կողմ
լուր
տարածելով
որ
առաջիկայ
մայիս
8-ին,
Երեւման
Խաչի
կիրակէն,
միւռոնի
օրհնութիւն
պիտի
կատարուի,
եւ
յուսալով
որ
Տաճկաստանէ
ալ
շատեր
Էջմիածին
կու
գան,
եւ
օգուտներ
եւ
յարաբերութիւններ
կը
կարգադրուին:
Սակայն
կացութիւնը
տակաւին
կանոնաւոր
ձեւ
առած
չէր,
եւ
վստահութիւններ
չէին
արծարծուած:
Օրհնութիւնը
կատարուեցաւ
եւ
միայն
սահմանակից
գաւառներից
եկողներ
եղան
սակաւ
քանակութեամբ:
Այս
առթիւ
օգտուեցան
միայն
Կարբեցիին
մտերիմ
եւ
անձնուէր
վարդապետներ
որոնք
եպիսկոպոսական
ձեռնադրութիւն
ստացան
միւս
կիրակիին
մայիս
15-ին,
եւ
էին
Իսահակ
Ծաղկարար
Երեւանցի,
Զաքարիա
Գուլասպեան
Տփղիսեցի,
Յովսէփ
Վեհապետեան
Կարբեցի,
Ղուկաս
Տէր-Միքայէլեան
Մաստարացի
եւ
Խաչատուր
Երեւանցի,
եւ
28-ին
ալ
Ստեփանոս
Արղութեան:
Վեհապետեանը
նոյնինքն
Մատթէոսեան
կամ
Տէր-Մարուգեան
Յովսէփն
է,
որ
նոր
մականուն
մը
կազմեց
ի
պատիւ
կաթողիկոսին,
եւ
որուն
ուրիշներ
ալ
հետեւեցան
ապագային:
Միւռօնի
օրհնութենէն
ետքը
Յովհաննէս
կաթողիկոս,
Ռօզէնի
դիմեց
Էջմիածնի
եպիսկոպոսներէն
մէկուն
ձեռքով
միւռոն
յղել
Կ.
Պոլսոյ
Պատրիարքութեան
եւ
Թուրքիոյ
վիճակներուն,
սակայն
1832
մայիսին
գրուած
նամակը
հազիւ
1833
մարտին
Ռօզէնէ
Բլուտովի
հաղորդուեցաւ,
եւ
նոյն
տարւոյ
դեկտեմբեր
5-ին
Պետրբուրգէ
հրահանգ
տրուեցաւ
Բուտինէվ
դեսպանին
Օսմանեան
կառավարութեան
հետ
բանակցութեան
մտնելու,
օգտուելով
նոյեմբեր
25-ին
անոր
տուած
տեղեկութիւններէն,
թէ
Զաքարեան
վաճառականի
մը
եւ
Գազէզ
Յարութիւնի
միջնորդութեամբ
կրցած
է
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքին
եւ
Երուսաղէմի
պատրիարքական
փոխանորդին
հաւանութիւնները
ստանալ
փոխադարձ
յարաբերութիւններ
վերահաստատելու
համար
(ԵՐՑ.
Բ.
51-53):
Գազէզ
Յարութիւն`
Պէզճեան
ամիրան
է,
իսկ
Զաքարեան
վաճառականը,
ուրիշ
տեղ
Նազարեան
կոչուած
(ԵՐՑ.
Բ.
73),
մեզ
անծանօթ
կը
մնայ,
եւ
պէտք
չէ
անուններու
շփոթութեան
վրայ
շատ
պնդել,
քանի
որ
կը
տեսնենք,
որ
ռուսական
պաշտօնագիրներու
մէջ,
նոյնիսկ
Ստեփանոս
պատրիարքն
ալ
Յովսէփ
է
կոչուած
(ԵՐՑ.
Բ.
68):
Այս
բանակցութիւնները
դեռ
շատ
եւս
տեւեցին,
ուստի
պահ
մը
ընդհատելով
անոնց
շարունակութիւնը,
դառնանք
Տաճկահայոց
կողմը,
եւ
Կ.
Պոլսոյ
ու
Երուսաղէմի
պատրիարքութեանց
անցքերը
պատմենք:
2491.
ԵԳԻՊՏՈՍԻ
ՇԱՐԺՈՒՄԸ
Քաղաքական
անցք
մը
որ
Ստեփանոս
Աղաւնիի
պատրիարքութեան
առաջին
տարիներուն
կը
զուգադիպի,
իրեն
նշանակութիւնն
ունեցաւ
Հայ
պատրիարքութեանց
շրջանակին
մէջ
ալ:
Ծանօթ
է
թէ
մինչեւ
անցեալ
գարուն
սկիզբները
Օսմանեան
կայսերութեան
նահանգական
դրութիւնը
հեռի
էր
այժմ
տիրող
կառավարչական
ձեւէն,
ուր
նահանգապետն
ու
գաւառապետը
պարզ
հրամանատար
պաշտօնեաներ
են:
Նահանգապետներ
հարկատու
իշխանի
կամ
փոխարքայի
մը
դիրքն
ունէին,
եւ
կայսերական
գանձուն
սակարկեալ
գումարը
վճարելէն
ետքը,
բացարձակ
տէր
էին
ներքին
վարչութեան,
եւ
ամէն
ճիւղերու
վրայ
ազատօրէն
կ՚իշխէին:
Նահանգներէն
անոնք
որ
իրենց
դիրքովը
առաւելութիւններ
կը
վայելէին,
կամ
թէ
նահանգապետը
կարողագոյն
անձ
մըն
էր,
մինչեւ
իսկ
կայսեր
դէմ
ելլալու
համարձակութիւն
կունենար:
Այսպիսի
ոք
էր
Մէհմէտ-Ալի
փաշա,
որ
Եգիպտոսի
կուսակալութեան
բարձրացած
էր
երկրին
շինութեան
եւ
զարգացման
ամէն
կերպով
փոյթ
տարած,
եւ
կառավարչական
ձեւեր
հաստատած
էր,
իրեն
խորհրդական
քարտուղար
եւ
թարգման
եւ
գանձուց
կառավարիչ
ունենալով
Զմիւռնացի
Պօղոս
Եուսուֆեանը,
ուսեալ
եւ
բանիբուն
եւ
իմաստուն
հայազգին:
Մէհմէտ-Ալի
իրեն
թեւարկութեան
ներքեւ
առած
էր
ոչ
միայն
ամբողջ
Եգիպտոսը
մինչեւ
Եթովպիա,
այլեւ
Ափրիկեան
գաւառներ
մինչեւ
Ֆէս
եւ
հարաւային
Արաբիան
մինչեւ
Ովկիանոս,
եւ
իր
համբաւը
Եւրոպիոյ
մէջ
ալ
տարածուած
էր:
Հակառակ
ստացած
այդ
բարձր
դիրքին
Աքեայի
կառավարիչը
Ապտուլլահ
փաշա
(ՍԱՒ.
1185)
համարձակեցաւ
նեղել
Եգիպտացի
նաւերը
եւ
նախատական
գիր
ուղղել
Մէհմէտ-Ալիի,
1831-ին,
որ
Սուլտանին
դիմեց
զայն
յանդիմանել
կամ
պատժել
տալու,
մինչ
Սուլտանը
կառավարիչը
արդարացնելով
Մէհմէտ
-
Ալին
մեղադրեց:
Սա
եւս
քան
զեւս
զայրանալով
գունդ
կազմեց,
իր
որդւոյն
Իպրահիմ
փաշայի
հրամանատարութեամբ,
որ
առաջ
Ասկաղոնի
վրայ
քալեց
1832-ին,
քաղաքը
առաւ
մայիս
26-ին,
եւ
Ապտուլլահն
ալ
գերեց,
հակառակ
որ
կայսերական
գունդեր
եկեր
էին
վերջինիս
օգնութեան:
Այդ
պարագան
Իպրահիմը
գրգռեց
կայսերական
ուրիշ
գաւառներու
վրայ
ալ
քալել
եւ
առաջին
անգամ
Յոպպէ
եւ
Յերուսաղէմ
եւ
Տիւրոս
եւ
Տրապոլիս
իրեն
հնազանդեցան
մինչեւ
Դամասկոս
(ՊԷՐ.
245):
Իսկ
Ապտուլլահ
պատուով
ընդունուեցաւ
Մէհմէտ
Ալիէ,
ի
շնորհս
իր
խրոխտ
եւ
առնացի
դիմադրութեան:
Օսմանեան
կայսրութիւնը
պէտք
զգաց
օրինաւոր
պատերազմի
ձեռնարկել
ապստամբ
կողմնակալին
դէմ,
եւ
առաջին
բանակը
կազմուեցաւ
Բերիոյ
մէջ
Հիւսէյին
փաշայի
հրամանատարութեամբ,
սակայն
քաղաքացին
նեղուած
եւ
դժգոհ
էր,
բանակն
ալ
դժկամակ
եւ
յուսաբեկ`
գործի
չսկսած
ցրուիլ
սկսաւ,
եւ
Հիւսէյին
Բերիայէ
հեռացաւ
եւ
Իպրահիմ
քաղաքը
գրաւեց:
Նոր
բանակ
կազմուեցաւ
Րէչիտ
Մէհմէտ
փաշայի
սպարապետութեամբ,
որ
Իպրահաիմի
դէմ
ճակատեցաւ
Իկոնիոնի
մօտ,
բայց
կայսերական
բանակը
յաղթուեցաւ,
եւ
սպարապետը
գերի
ինկաւ:
Այլեւս
ճամբան
բաց
էր
Իպրահիմի
առջեւ
մինչեւ
Կ.
Պոլիս,
եւ
մայրաքաղաքը
սկսաւ
վախնալ
եւ
կայսրն
ալ
վարանիլ:
Յետին
պարագային
մէջ
նորէն
Պէզճեանի
խորհուրդին
դիմեց
Սուլտան
Մահմուտ,
որուն
քանիցս
փորձն
առած
եւ
օգուտը
վայելած
էր:
Պէզճեանի
խորհուրդն
եղաւ
ռուսական
օգնութեան
դիմել,
որ
Ադրիանուպոլսոյ
դաշնագիրին
վրայ
(§
2432)
Թուրքիոյ
բարեկամ
էր
դարձած:
Խուսրէվ
Մէհմէտ
փաշա,
հինաւուրց
խորհրդական,
առաջարկին
միացաւ,
գիրեր
գրուեցան
եւ
սուրհանդակներ
մեկնեցան,
մինչեւ
միւս
կողմէ
Իպրահիմ
Իկոնիոնի
ճակատամարտէն
ետքը
հանդարտաքայլ
կը
յառաջէր,
եւ
հետզհետէ
կը
գրաւէր,
Իկոնիոն,
Սիս,
Ատանա,
Անկիւրիա,
Մաղնիսա,
Այտըն,
Պալըքէսէր,
եւ
Քէօթահիա,
մինչեւ
Պիլէճիկ
(ՊԷՐ.
486),
եւ
մինչեւ
Պրուսայի
մօտերը:
Տասն
հազարի
ռուսական
բանակ
մը
եւ
18
նաւերու
տորմիղ
մը,
Օրլօֆ
զօրավարի
հրամանատարութեամբ
Վոսփորի
վրայ
երեւցաւ
1833
փետրուար
7-ին
(ՊԷՐ.
248),
եւ
բանակը
զետեղուեցաւ
Ասիակողման
Հիւնքեարիսկէլէսի
դաշտավայրը:
Իսկ
Իպրահիմ
կանգ
առաւ
Կուտինա
կամ
Քէօթահիա,
ուր
կը
գտնուէր:
Գաղղիական
եւ
անգղիական
դեսպաններ
ռուսականին
միանալով
Մէհմէտ-Ալիի
նպաստաւոր
հաշտութեան
համոզեցին
Սուլտանը,
Եգիպտոս
բացարձակապէս
ազատ
իշխանապետութիւն
եղաւ
պարզ
հարկատուութեան
պայմանով,
եւ
միանգամայն
անոր
յանձնուեցան,
Ասկաղոն,
Երուսաղէմ,
Տրապոլիս,
Դամասկոս,
Բերիա,
եւ
Անտիոք,
որ
է
ըսել
բովանդակ
Ասորիք
(ՊԷՐ.
249),
Էմիրիւլհաճ
պատուանունով,
եւ
Ատանա
Սիսի
հետ
Իպրահիմի
տրուեցան
ի
պարգեւի
մասին
(ՍԱՒ.
1186),
եւ
1133
յուլիս
12-ին
հաշտութիւնը
կնքուեցաւ
եւ
Իպրահիմի
յաղթական
բանակը
սկսաւ
ետ
քաշուիլ
(ՊԷՐ.
486):
Ռուսներ
ալ
մեծամեծ
պատիւներ
եւ
վարձատրութիւններ,
շքանշաններ
եւ
հանդիսութիւններ
վայելելով,
իրենց
կողմանէ
ալ
Նիկողայոս
կայսեր
ծննդեան
տարեդարձի
օրը
փոխադարձ
հանդէս
մը
կազմելով,
միւս
առաւօտուն
խաղաղութեամբ
մեկնեցան
խաղաղական
արշավանքնին
վերջացնելով:
Այդ
միջոցներուն
էր
որ
Յովհաննէս
կաթողիկոս
իր
ազդեցութիւնը
Տաճկահայոց
վրայ
տարածելու
համար
Ռուսիոյ
պետական
միջամտութեան
կը
դիմէր
(§
2490),
հիմնուելով
Ռուսիոյ
եւ
Թուրքիոյ
միջեւ
սկսած
մտերմութեան
վրայ:
2492.
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ
ԳՈՐԾԵՐ
Կ.
Պոլիս
շատ
բան
չզգաց
այդ
քաղաքին
միջադէպէն,
զի
եթէ
պահ
մը
Իպրահիմի
մօտենալուն
երկիւղը
կրեց,
բայց
երկարատեւ
չեղաւ
եւ
խաղաղ
վերջաւորութիւն
ունեցաւ:
Իսկ
Երուսաղէմ
իրեն
վարչական
դիրքին
մէջ
նշանակալից
փոփոխութիւն
մը
զգաց,
զի
Կ.
Պոլսոյ
գերիշխան
ազդեցութեան
եւ
տեղւոյն
անմիջական
իշխանութեան
միջեւ,
նոր
կեդրոն
մըն
ալ
ստեղծւեցաւ
Եգիպտոսի
մէջ:
Իսկ
ասկէ
առաջ
Երուսաղէմի
վերաբերեալ
գլխաւոր
դիպուածները
յիշենք:
Եւ
նախ
Գաբրիէլ
պատրիարքին
Զմիւռնիոյ
առժամեայ
առաջնորդութեան
ղրկուիլը
առանց
պատրիարքական
անունը
թողլու:
Կ:
Պոլսոյ
մէջ
անգործ
մնալը
թէ
իրեն
եւ
թէ
իրեններուն
ծանր
կու
գար,
եւ
Երուսաղէմ
դառնալու
փորձեր
կը
սկսէին,
ինչ
որ
ոչ
կացութեան
բարւոքման
եւ
ոչ
Պօղոսի
ձեռնարկներուն
յաջողութեան
կրնար
նպաստաւոր
ըլլալ:
Այդ
նպատակով
1829
յուլիս
1-ին
որոշուեցաւ
Գաբրիէլի
Զմիւռնիա
երթալը,
եւ
տեղւոյն
առաջնորն
Եդեսացի
Յարութիւն
վարդապետը
Պրուսա
եւ
Կուտինա
փոխադրուեցաւ
(ԱՍՏ.
Բ.
433):
Միւս
պարագան
Զաքարիա
Կոփեցիին
եպիսկոպոս
ձեռնադրուիլին
է:
Սինչ
Յովհաննէս
կաթողիկոս
ամէն
կերպերով
ետեւէ
էր
Տաճկահայոց
եպիսկոպոսական
ձեռնադրութիւնը
եւ
միւռոնի
բաշխումը
մայրաթոռոյ
վրայ
անխախտ
պահել,
Պօղոս
Ադրիանուպոլսեցին
Երուսաղէմի
վարդապետներէն
երկուքը,
Զաքարիան
եւ
Աբրահամը,
Էջմիածին
կուղեւորէր
1833-ին,
ճիշդ
այն
օրեր
որ
Ռօզէն
կառավարչապետ
կաթողիկոսին
դիմումը
Բլուտով
նախարարին
կը
հաղորդէր
(§
2490):
Զաքարիա
ձեռնադրութիւնը
կ՚ընդունէր
1833
յուլիս
9-ին,
Վարդավառի
օրը,
եւ
հարկաւ
նոր
օրհնուած
միւռոնէն
ալ
առնելով
Երուսաղէմ
կը
դառնար:
Իսկ
Աբրահամ
վարդապետ
կաթուածահար
եղած
անագան
ձեռնադրութիւն
կը
ստանար,
եւ
Երուսաղէմ
դառնալով
կը
վախճանէր
(ԱՍՏ.
Բ.
452):
Պօղոս
նպատակ
ունէր
նոր
ձառնադրուած
եպիսկոպոսներու
ձեռքով
նուիրակութիւն
ալ
բանալ
Ռուսահայոց
մէջ,
սակայն
նոր
օրէնքով
պետական
արտօնութեան
պէտք
կար
եւ
գործադրութիւնը
դժուարացաւ:
Քումքաբուի
Երուսաղէմատան
շինութիւնն
ալ
այդ
միջոցին
տեղի
ունեցաւ,
Յովհաննէս
փոխանորդի
ձեռքով,
եւ
Յարութիւն
Պէզճեան
եւ
Միքայէլ
Փիշմիշեան
եւ
Ճանիկ
Փափազեան
ամիրաներու
յորդորելով,
որպէսզի
Երուսաղէմի
պատրիարքութիւնն
ալ
ազգային
պատրիարքարանի
կից,
ազգութեան
լրումը
ներկայացնէ:
Ինչ
որ
անոնցմէ
դուրս
Երուսաղէմի
տեղական
խնդիրներն
են,
ազգ
ազգի,
եւ
իսլամներ
ազգերու
դէմ
ունեցած
անհատնում
վէճերն
են,
որոնք
յատուկ
սաղիմապատում
եւ
ոչ
ընդհանուր
ազգապատում
գրողներու
կը
պատկանին:
2493.
ԱՒԱԳ
ՇԱԲԱԹԻ
ԱՂԷՏԸ
Ասորիքի
եւ
Պաղեստինի
եգիպտական
իշխանութեան
յանձնուելուն
լուրը
սիրով
չընդունուեցաւ
այդ
երկիրներու
բնիկներէն
եւ
խլրտումներու
սկզբնաւորութիւններ
կը
լսուէին,
երբ
Իպրահիմ
ետ
կը
դառնար,
իր
բանակով:
Գլխաւորապէս
Երուսաղէմի
վրայ
կը
դառնար
տեղացոց
մտադրութիւնը,
ուր
եգիպտացի
պահնորդ
գունդ
մը
թողած
էր
Դաւիթի
բերդ
կոչուած
քաղաքին
գլխաւոր
ամրոցին
մէջ:
Խաղաղղութեան
վերահաստատութիւնը
եւ
Հայոց
Ս.
Գերեզմանի
վրայ
պատարագելու
արտօնուիլը
(§
2453),
հայ
ուխտաւորներու
անսովոր
բազմութիւն
մը
հաւաքած
էր
Երուսաղէմ,
իբրեւ
տասն
հազարիւ
չափ,
ի
կատարումն
տօնի
սրբոյ
զատկին
(ՍԱՒ.
1186),
որ
1834-ին
ապրիլ
22-ին
կ՚իյնար:
Իպրահիմ
արդէն
հասած
էր
Երուսաղէմ,
բայց
ժանտախտի
սկզբնաւորութիւնը
իմանալով
կ՚ուզէր
անմիջապէս
մեկնիլ,
եւ
միայն
երեք
ազգերու
թախանձագին
դիմումին
տեղի
տալով
մնաց,
զի
ուխտաւորաց
անսովոր
բազմութիւնը
եւ
շրջակայ
տեղացոց
խլրտումը
կասկածներ
կ՚ազդէին
երեք
ազգերու
ալ
հաւասարապէս:
Ապրիլ
21-ին
աւագ
շաբաթ
երեկոյին
Իպրահիմ
ալ
տաճարին
մէջ
էր
500
սպառազինելոց
գունդով:
Երբոր
լուսահանութեան
պահուն
անթիւ
անհամար
մոմեղէններ
վառուեցան,
եւ
ժողովուրդը
շարժուելու
անհնարութեան
մէջ
կը
գտնուէր,
այնպիսի
օդի
ապականութիւն
մը
սկսաւ,
որ
ամէնքը
առհասարակ
հեղձամղձուկ
լինէին
եկեղեցւոյ
մէջ
թանձրացած
մուխէն,
որ
գագաթի
լուսանցոյցէն
զատ
ելնելու
տեղ
չունէր
զի
սովորութիւն
էր
դուռները
փակ
պահել
լուսահանութեան
միջոցին:
Երբոր
դուռները
բացուեցան,
այնչափ
սաստկացաւ
դուրս
ելլելու
դիմողներուն
ժխորը,
որ
226
հոգի
ոտքի
ներքեւ
իյնալով
կոխկռտուեցան
եւ
մեռան,
որոնմէ
երեքը
Իպրահիմի
զինուորներէն:
Ինքն
Իպրահիմ
ալ
վտանգաւ
կենացն
հազիւ
ճամբայ
գտաւ
ելլելու,
եւ
իսկոյն
մեռածները
դուրս
քաշել
տուաւ:
Աղէտին
պատճառը
փնտռելու
հրաման
արձակեց
որ
այնուհետեւ
լուսահանութեան
միջոցին
երկու
փեղկերով
բաց
պահուի
տաճարին
մեծ
դուռը
(ՍԱՒ.
1187):
Այսպէս
կը
շարունակուի
մինչեւ
այսօր:
2494.
ԱՐԱԲԱԿԱՆ
ԽԼՐՏՈՒՄ
Արաբական
շարժումը
օրըստօրէ
կը
զօրանար
եւ
շարժումին
գլուխներն
էին,
Քասըմ
Սեվասթիի
կամ
Սամարիոյ
եւ
Ապտիւրրահման
Խալիլ
ռահմանի
կամ
Քեբրոնի
շեխերը:
Իպրահիմ
լսելով
որ
Յոպպէի
կողմէ
համախմբութիւն
կը
պատրաստուի,
զատկի
չորեքշաբթին
ապրիլ
26-ին
այն
կողմ
գնաց
3000-ի
գունդով
մը,
կամաւորներ
ալ
աւելցնելով,
բայց
իր
մեկնիլը
ապստամբները
քաջալերեց
Դաւիթի
բերդին
վրայ
յարձակիլ:
Մայիս
9-էն
եօթն
օր
պաշարումը
տեւեց,
ուսկից
ետքը
ապստամբներէն
մէկ
քանի
հոգիներու
գաղտնածածուկ
ճամբով
ներս
մտնելուն
եւ
պարսպապահ
քանի
մը
զինուորներ
սպաննելուն
վրայ,
շփոթութիւնը
սաստկացաւ
քաղաքին
մէջ:
Եգիպտական
զօրքը
միջնաբերդին
մէջ
ամրացաւ,
ապստամբները
թալանի
եւ
աւարի
սկսան,
վանքեր
ու
տուներ
դուռներնին
փակեցին,
եւ
ոչ
իսկ
մայիս
13-ին
Կարմիր
Կիրակի
օրը
տեղի
ունեցած
երկրաշարժը
կացութեան
վրայ
կրցաւ
ազդել:
Բայց
բերդապահ
հազարապետը
ստուգելով
թէ
ապստամբները
400-է
աւելի
չեն,
յարձակում
մը
փորձեց,
ցրուեց
եւ
գերեց,
բայց
նորէն
փակուիլ
եւ
ամրանալ
պարտաւորուեցաւ,
զի
աւելի
մեծ
բազմութեամբ
մը
վրայ
հասան
շրջակայից
Արաբները,
եւ
Երուսաղէմը
աւերելու
եւ
աւարելու
ձեռնարկեցին:
Իպրահիմ
Յոպպէ
էր
երբ
այս
եղելութեանց
լուրը
առաւ,
եւ
իսկոյն
իր
գունդովը
դիմեց
Երուսաղէմ:
Ապստամբներ
Պապէլվատ
կիրճին
մէջ
ուզեցին
իրեն
դէմ
ելլալ,
այլ
չյաջողեցան,
զի
Իպրահիմ
ընդ
միտ
եկեալ
ինչպէս
յիշատակագիր
մը
գրեր
է,
յիշէր
ստէպ
զՄար
Եագուպ
(որ
է
Սուրբ
Յակոբ)
եւ
կոչէր
զնա
յօգնութիւն
իւր
(ՍԱՒ.
1190):
Անվտանգ
անցաւ
կիրճէն
եւ
Երուսաղէմ
մօտեցաւ,
եւ
իր
անունը
միայն
բաւական
եղաւ
որ
ապստամբները
ցիրուցան
փախչին,
եւ
քաղաքը
խաղաղութեան
կերպարան
զգենու:
Քաղաքացիք
եւ
ամէն
ազգէ
եկեղեցականներ,
որոնց
գլուխ
կանգնած
էր
Պօղոս,
ելան
Իպրահիմը
դիմաւորել
մայիս
25-ին,
Յինանց
հինգերորդ
ուրբաթ
օրը,
Յոպպէի
դրան
առջեւը:
Հայոց
վանքէն
առատ
մեղրաջուր
ալ
պատրաստած
էին
զինուորաց
ծարաւը
յագեցնելու,
բայց
Իպրահիմ
չներեց
որ
խռնուին,
եւ
զօրապետներուն
ձեռքով
բաշխել
տուաւ:
Քաղաք
մտնելով
գնաց
իջեւանիլ
Սիոնի
իսլամական
թաղը,
ուր
է
Քրիստոսի
վերջին
ընթրեաց
վերնատունին
տեղը:
Քաղաքը
հանդարտեցնելէն
ետքը
կը
մնար
բոլոր
երկրին
ալ
խաղաղեցնել,
զի
ինքն
Մէհմէտ-Ալի
ալ
Պաղեստին
եկած
էր
նոր
բանակով:
Պէյթճալայի
եւ
Խալիլ
ռահմանի
յաղթանակներով
Իպրահիմ
բաւական
սարսափ
ազդեց
ապստամբներուն,
բայց
Յոպպէ
իջնալէ
կասեցաւ,
զի
նորէն
ապստամբներ
Պապէլվատի
կիրճը
բռնած
էին:
Հայ
մը
մուրացիկի
կերպարանով
կրցաւ
լուր
հասցնել
Մէհմէտ-Ալիի
յունիս
20-ին,
եւ
այնպէս
հայր
եւ
որդի
զիրար
ողջունեցին
Յոպպէի
մէջ:
Բայց
տակաւին
Քասըմ
եւ
Ապտիւրրահման
իրենց
ձեռնարկէն
ձեռնթափ
չէին:
Նոր
արշաւանքի
պարտաւորուեցաւ
Իպրահիմ
16000-ի
բանակով,
նախ
Քասըմը
ընկճեց
Սամարիոյ
մէջ,
յետոյ
Ապտիւրրահմանը
Քեբրոնի
մէջ,
եւ
որովհետեւ
Մեռեալ
ծովէն
անդին
փախեր
էին,
ետեւէն
պնդեցաւ
մինչեւ
Քէրէք
եւ
Սալթ,
եւ
ձերբակալելով
Դամասկոսի
մէջ
գլխատել
տուաւ,
եւ
Պաղեստինը
նուաճեց
եգիպտական
իշխանութեան
ներքեւ,
եւ
ահուսարսափ
սփռեց
ամէն
կողմ
(ՍԱՒ.
1186-1193):
2495.
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ
ԳՈՐԾԵՐ
Եգիպտական
տիրապետութիւնը
բաւական
օգտակար
եղաւ
քրիստոնէից,
զի
ի
սիրտս
մահմետականաց
եւ
գլխաւորաց
նոցին
ահ
արկեալ
էր
Իպրահիմ,
եւ
ընդարձակութիւնս
շնորհեալ
քրիստոնէից
(ՍԱՒ.
1192):
Այդ
կացութենէն
օգտուեցան
Հայերն
ալ
եւ
եգիպտական
փոխարքայութենէն
արտօնուեցան
Ս.
Յակոբի
մայրտաճարը
նորէն
ծեփել,
պատուհանները
ընդարձակել,
փոքր
գմբէթ
մը
աւելցնել,
գմբէթին
լուսամուտները
եւ
վնասուած
մասերը
յարդարել,
եւ
գլխաւորապէս
եկեղեցւոյ
արտաքին
գաւիթին
ամբողջութեան
վրայ
վենատուն
մը
կազմել,
մայրտաճարին
ուխտաւոր
կիներուն
համար:
Մայիս
1-ին
սկսաւ
այդ
մեծ
գործը
Զաքարիա
եպիսկոպոսի
շինուածապետութեամբ,
եւ
հին
պատէրն
հնագոյն,
Ո.
եւ
ՈԲ.
հայկական
թուականներով
խաչքարեր
ալ
ելան,
որոնք
վերնատունին
արտաքին
որմին
ագուցուեցան:
Իսկ
վերնատունին
համար
յարմար
սանդուխներ
եւ
մէջն
ալ
երկու
պատարագամատոյց
սեղաններ
աւելցուեցան:
Այս
առթիւ
շինուեցաւ
Ս.
Մինասի
կոչուած
թաղն
ալ
խորհրդականներու
բնակութեան
համար,
եւ
վանքին
աւագ
դուռն
ալ
ընդարձակուեցաւ,
ինչպէս
ծեփուեցաւ
եւ
բռուեցաւ
Ս.
Հրեշտակապետի
եկեղեցին
ալ,
եւ
Բեթղեհէմի
վանքին
պատուհաններն
ալ
լայնացան,
եւ
վնասուած
սենեակներ
վերաշինուեցան:
Համբարձման
ոտնատեղւոյն
գմբէթը,
որ
երկրաշարժէն
փլած
էր,
երեք
ազգերու
ծախքով
շինուեցաւ
եւ
իւրաքանչիւրին
մի
մի
բանալի
յանձնուեցաւ,
եւ
Բեթղեհէմի
մեծ
դրան
բանալի
մըն
ալ
Հայերուն
տալ
հրամայուեցաւ,
բայց
այդ
վերջին
կէտին
գործադրութիւնը
խափանուեցաւ
(ԱՍՏ.
Բ.
453-455):
Զի
Մէհմէտ-Ալի
որչափ
ալ
քրիստոնէից
պաշտպանութեան
յօժարամիտ
էր,
բայց
քրիստոնեայ
քրիստոնէի
դէմ
գտնուած
ատեն
դիւրին
չէր
նոյն
յօժարութեամբ
գործել:
Յոպպէի
մէջ
ալ
Քարանթինա
անունով
տեղ
մը
շինուեցաւ
ծովով
եկող
ուխտաւորներու
վարակիչ
հիւանդութեանց
դէմ
քառասնօրեայ
զգուշաւորութեան
ենթարկելու
համար
(ԱՍՏ.
Բ.
453):
Ս.
Յարութեան
տաճարին
այլազգի
դռնապաններուն
ղօշաքաղութիւնը
զսպելու
համար
ալ
դիմում
եղաւ
փոխարքային,
եւ
անոնց
իրաւունքի
սակին
եւ
դռնապաններու
թիւին
մասին
կանոններ
հաստատուեցան
(ԱՍՏ.
Բ.
454):
Իսկ
Ս.
Յարութեան
մէջ
կատարուելիք
աշխատութեանց
համար,
որովհետեւ
արքունական
իշխանութեան
վերապահուած
էին
(§
2408)
պէտք
եղաւ
Կ.
Պոլիս
դիմել,
եւ
անկէ
նոր
հրովարտակ
եկաւ
որ
բաժանորդ
մասերը
ընկերովի,
իսկ
սեփական
տեղերը
առանձնաբար
նորոգուին
(ԱՍՏ.
Բ.
455):
Ուրիշ
շատ
մը
մանրամասնութիւններ
ալ
հարթուեցան,
բայց
ցարդ
նշանակուածները
բաւական
կը
սեպենք:
2496.
ԳԱԲՐԻԷԼ
ՅԵՐՈՒՍԱՂԷՄ
Երբոր
այդ
ամէնը
կը
կատարուէր
տակաւին
Երուսաղէմի
աթոռը
թափուր
էր,
զի
Գաբրիէլ
Զմիւռնիա
կը
մնար
(§
2492),
իսկ
Պօղոս`
պատրիարք
ու
գահակալ
չէր,
եւ
աթոռին
շուքը
կը
պակսէր:
Միաբանութիւնը
ցանկացող
էր
որ
այդ
կէտն
ալ
կարգադրուէր
եւ
աթոռական
կարգը
ու
սարքը
լրանար:
Գաբրիէլ
ինքն
ալ
տարիքը
առած,
թափառական
վիճակէն
տաղտկացած,
աթոռին
բաղձանքով
տոգորուած,
մանաւանդ
պարտքերու
դժուարութիւններն
ալ
վերջացած,
ազգային
պատրիարքին
եւ
Պէզճեան
ամիրային
եւ
աւագանիէն
ծանօթներուն
կը
դիմէր
Երուսաղէմ
դառնալու
արտօնութիւն
ստանալու:
Սակայն
կասկած
կար
մի
գուցէ
Պօղոս
թողու
ու
քաշուի
եւ
գործը
նորէն
շփոթուի,
ուստի
հարկ
եղաւ
նախապէս
անոր
հաւանութիւնն
ստանալ,
եւ
գործը
կարգադրուեցաւ,
պատրիարքական
պատիւը
Գաբրիէլի
եւ
գործունէութիւնը
Պօղոսի
վերապահելով:
Վերջապէս
Գաբրիէլ
Զմիւռնիայէ
մեկնեցաւ
1834
օգոստոս
1-ին
(ՍԱՒ.
1198),
եւ
Երուսաղէմ
մտաւ
օգոստոս
19-ին
(ԱՍՏ.
Բ.
452),
ուսկից
մեկնած
էր
1824
օգոստոս
19-ին
(§
2447),
օրը
օրին
ճիշդ
տասը
տարի
առաջ:
Իրօք
ալ
անուանական
եղան
Գաբրիէլի
պատրիարքութեան
մնացորդ
վեց
տարիները,
ինչպէս
եղած
էին
անցած
տարիներն
ալ:
Երբոր
ինքն
հասաւ
արդէն
կարգադրուած
եւ
սկսած
էին
ձեռնարկուած
շինութիւնները,
որոնց
վերին
հսկողն
էր
Պօղոս
գործադրողն
էր
Զաքարիա,
պաշտօնավարողն
էր
խորհրդականաց
ժողովն,
բայց
յամենայնի
կը
տիրէր
Պօղոսի
ազդեցութիւնը
(ՍԱՒ.
1198):
Սովորաբար
նոր
շինութիւնները
եւ
նորոգութիւնները
Գաբրիէլ
պատրիարքի
անունով
կը
յիշատակուին,
բայց
ճիշդ
ըլլալու
համար
պէտք
է
ըսել
ի
ժամանակի,
եւ
ոչ
ի
ձեռն
Գաբրիէլ
պատրիարքի
իմանալ:
Նորա
անունով
վեց
սենեակէ
բաղկացած
համեստ
թաղ
մը
կայ
ուխտաւորական
բաժնին
մէջ,
եւ
պէտք
է
սեփական
գումարով
շինուած
անձնական
յիշատակ
ճանչնալ
զայն:
2497.
ԱՂԱՒՆԻ
ԵՒ
ՊԷԶՃԵԱՆ
Կոստանդնուպոլսոյ
պատրիարքութեան
եղելութեանց
անցնելով,
նշանաւոր
պարագաներ
չունինք
պատմելու:
Ստեփան
Զաքարեան
մեղմիկ
եւ
հեզիկ
բնաւորութեան
համար
Աղաւնի
մակդիր
անունով
կոչուած
էր
իր
վարդապետէն
Գարագօչեան
Պօղոս
եպիսկոպոսէն,
եւ
միեւնոյն
ուղղութեամբ
կը
գործէր
պատրիարքական
աթոռին
վրայ
ալ,
կանոնաց
եւ
օրինաց
ճշդապահ
գործադրող,
ազգային
խնամածութեան
անսայթաք
հեղեւող:
Բարեբախտաբար
իր
օրով
դադրած
էին
ներքին
եւ
արտաքին
տագնապալից
խնդիրներ,
եւ
խաղաղ
պաշտօնավարութեան
ժամանակամիջոց
մը
սկսած
էր,
որով
Ստեփանոսի
ալ
հնար
եղաւ
1831-էն
1893
ութ
տարի
պատրիարքական
աթոռի
վրայ
մնալ:
Բայց
իսկապէս
աչքի
զարնող
անձնաւորութիւնը
Յարութիւն
Պէզճեանն
էր,
թէ
պետական
եւ
թէ
ազգային
շրջանակներու
մէջ
այնպիսի
դիրք
մը
կազմած,
որուն
հաւասարը
չենք
գտներ
մեր
գիտցած
ժամանակներուն
մէջ:
Պետական
պաշտօնեայ,
ճարտար
ելեւմտագէտ,
ներքին
խորհրդական,
անձնական
բարեկամ,
եւ
մտերիմ
ընկերակից
Սուլտան
Մահմուտ
կայսեր,
ամենայն
ինչ
էր,
վերանորոգիչ
եւ
բարեկարգիչ
վեհապետին
մօտ,
որուն
ընդունելի
էին
իր
բոլոր
առաջարկները
եւ
փոխադարձաբար
ինքն
ալ
գործադիրն
էր
անոր
բոլոր
բաղձանքներուն,
այնպիսի
իմն
հանճարեղ
դարձուածներով,
որ
ուղղութեան
եւ
արդարութեան
նպատակով
ոտնակոխ
չըլլար:
Մենք
տեսանք
զինքն
մայրեկեղեցւոյ
նորահաստատ
վարժարանին
մէջ
ընթերցանութեան
աշակերտ,
12
տարեկանէն
շուկայ
ելած
(§
2350),
եւ
այս
կեանքէն
զատ
ուրիշ
ասպարէզ
չտեսած,
բայց
բնատուր
ուշիմութեան
սքանչելիք
մը
եղած,
վարելու
եւ
վարուելու,
խօսելու
եւ
համոզելու,
գտնելու
եւ
ճարելու,
գործելու
եւ
գործադրելու
արտասովոր
կարողութիւններով,
որով
գրեթէ
օսմանեան
պետութեան
վարիչը,
եւ
հայ
ազգութեան
պետը,
եւ
անհատական
յաջողականութեանց
տիպարը
դարձաւ
ի
կենդանութեան,
եւ
անջնջելի
հռչակ
թողուց
ետեւէն:
2498.
ՊԷԶՃԵԱՆ
ՊԵՏԱԿԱՆ
Աւելորդ
չենք
սեպեր
այսպիսի
անձնաւորութեան
մը
վրայ
քանի
մը
յօդուածներ
նուիրել
Ազգապատումիս
մէջ,
քաղելով
մանաւանդ
այն
անհատական
յիշատակները,
որոնք
պատմական
ընթացքին
մէջ
չունէին
իրենց
տեղը:
Պետական
գործունէութեանց
կարգին
յիշենք
նախ
մարդ
շահելու
ճարտարութիւնը,
առանց
երբեք
ստորնութեան
զիջանելու,
եւ
նոյնիսկ
իրեն
դէմ
մախացողներ
իրեն
նպաստաւոր
դարձնելով,
որով
նոյնիսկ
արքունեաց
նախարար
Հալէթ,
զօրապետ
Հիւսէյին,
եպարքոս
Ռէշիտ,
սպարապետ
Խուսրէվ
քարտուղար
Մուսթաֆա
փաշաները,
չհամարձակեցան
իրեն
դէմ
քսութիւններ
ընդունիլ,
թէպէտ
նախանձոտ
աչքով
կը
դիտէին
Պէզճեանի
ստացած
դիրքը:
Իբրեւ
կարգադրիչ
միտք
նշանաւոր
են
արքունի
փողերանոցին
մասին
ըրածները,
երբ
իբր,
Տիւզեանց
պեշտօնեայ
կը
գործէր,
եւ
մանաւանդ
երբ
անոնց
աղէտէն
ետքը
փողերապետութեան
կոչուեցաւ
(ՊԷՐ.
254):
Իրեն
գիւտն
եղաւ
ռուսական
պատերազմին
ծախուց
դիմանալու
համար,
կէս
առ
կէս
արծաթի
եւ
պղնձի
խառնուրդով
դրամ
պատրաստելը,
որ
մինչեւ
մեր
օրերը
հասած
են
մէթալիք
անունով:
կայսեր
այդ
խորհուրդին
հաւանիլը,
մեծ
եպարքոս
Մէհմէտ
Ռէշիտ
փաշայի
լոկ
պղնձէ
դրամ
կտրելու
ծրագիրը
մերժելը,
կեանքի
վտանգի
ալ
ենթարկեց
Պէզճեանը,
եպարքոսին
զայրոյթին
երեսէն,
բայց
Պէզճեան
աղօթքով
եւ
քաղցր
լեզուով
այդ
վտանգէն
ալ
ազատեցաւ
(63
ԺՄՆ.
113):
Պատերազմական
տուգանքի
երկրորդ
մասին
վճարման
առթիւ,
օրը
օրին
եւրոպական
վաճառականներէն
եւ
սեղանաւորներէ
պէտք
եղած
գումարը
ճարելն
ալ
իր
գիւտն
ու
գործադրութիւնը
եղաւ,
որով
թասվիրի
հիւմայուն
կամ
կայսերական
կենդանագիրի
բացառիկ
շքանշանով
պատուուեցաւ,
եւ
ամբողջ
նախարարութեան
յարգանաց
արժանացաւ,
եւ
նախարարներու
հաւասար
հանդերձանք
ունենալ
արտօնուեցաւ
(63
ԺՄՆ.
114):
Իրեն
խորհուրդն
եղաւ
ռուսական
օգնութեան
դիմելով
եգիպտական
արշաւանքը
կասեցնելը
(§
2491):
Ինքն
մտածեց
ազատ
փոխադրութեանց
եւ
ազատ
վաճառմանց
ծրագիրով
մայրաքաղաքը
սովի
վտանգէն
ազատել,
եւ
բնակչութիւնը
ցրուելուն
տարադէպ
հրամանը
ետ
առնել
տալ
(ԺՄՆ.
106):
Վագըֆ
կոչուած
կալուածներուն
վաճառմանց
եւ
փոխանցմանց
գործողութիւնները
մէկ
կեդրոնի
մէջ
ամփոփել
հրամանն
ալ
ետ
առնել
տուաւ,
որով
ազգային
վագըֆները
վտանգէ
ազատուեցան
(63
ԺՄՆ.
163):
Վերջապէս
ամէն
օր
Սուլտանը
տեսնելու
եւ
զուարճացնելու,
անոր
ուտելիքը
անտեսելու,
մասին
շուկաները
պտտելու
(ՊԷՐ.
225),
եւ
մինչեւ
Տարտանէլ
եւ
Ադրիանուպոլիս
ուղեկցելու
չափ
անբաժին
ընկեր
դարձաւ
Սուլտանին,
որ
կարծես
թէ
առանց
Պէզճեանի
բան
մը
որոշել
կամ
հրամայել
չէր
կրնար:
2499.
ՊԷԶՃԵԱՆ
ԲԱՐԵՊԱՇՏ
Այդչափ
պետական
գործերու
եւ
արքունական
շրջանակներու
մէջ
զբաղած
անձ
մը
հոգեւորականէն
թէ
ոչ
բոլորովին
հեռու,
գոնէ
հազիւ
պաշտօնական
պահանջի
չափ
մօտաւոր
ի
դէպ
էր
ենթադրել.
ընդհակառակն
մենք
կը
տեսնենք
Պէզճեանը
միամիտ
քրիստոնէի
մը
չափ
հոգեւորական
պարտքերու
ճշդապահ,
եկեղեցական
կանոններու
նախանձայոյզ,
եւ
բարեպաշտական
ջերմեռանդութեանց
հետեւող:
Նշանաւոր
է
իր
այդ
ընթացքին
համար
ամիրաներուն
կողմէ
խծբծուելուն
վրայ,
յատուկ
դպիրի
շապիկ
մը
պատրաստելով,
օր
մը
յակարծ
անով
եկեղեցւոյ
դասը
երեւնար:
Այդ
շապիկը
իբր
յիշատակ
կը
պահուի
Քումքարուի
մայր
եկեղեցին,
եւ
տարին
մէկ
երկու
անգամ
կը
զգենուն
դպրաց
դասուն
դպրապետները:
Միեւնոյն
եկեղեցասէր
զգացմանց
հետեւանք
էր
դաս
չմտնելը
եւ
առանց
շապիկի
դաս
մտնել
արգիլելը:
Սարիմեան
մաքսուտ
ամիրա
կը
համարձակի
արգելքը
եւ
արգելք
դնողը
եւ
գործադրող
աւագերէցը
անարգելով
դաս
անցնիլ,
ինչ
որ
Պէզճեանը
կը
զայրացնէ,
եւ
երբ
արքունական
քարտուղար
Մուսթաֆա
իր
հարստահարութեանց
համար
պաշտօնէ
կը
մերժուի,
Պէզճեան
կը
գրգռուի
յայտնել
թէ
անոր
խորհրդականը
իր
սեղանաւոր
Մաքսուտն
է,
եւ
անմիջապէս
դատաստանի
կ՚ենթարկուին
Մաքսուտ
եւ
իր
հօրեղբայրները
Ճանիկ
եւ
Խնդիր,
եւ
զեղծումներ
յայտնութիւնը
մահուան
վճիռ
կը
հրաւիրէ
վրանին:
Պէզճեան
շփոթած,
աղօթքով
եւ
սուրբ
խորհուրդներով
զօրացած,
կայսեր
ոտքը
կ՚իյնայ
անոնց
կեանքին
շնորհը
խնդրելու:
Իր
մտքին
փոփոխութիւնը
ճարտար
կերպով
կ՚արդարացնէ,
եւ
շնորհը
կ՚ընդունի.
իսկ
երբ
ազատուածները
շնորհակալութեան
կու
գան,
չի
քաշուիր
անգամ
մըն
ալ
եկեղեցական
պատշաճութեանց
յորդորները
կրկնել:
Նմանօրինակ
ուղղութեամբ
աքսորէ
դարձուցած
է
Գրիգոր
Պալեան
ճարտարապետ
ամիրան
ալ
(63ԺՄՆ.
105):
Պէզճեան
որչափ
խոնարհ
եւ
հեզ
պզտիկներու
հետ,
նոյնչափ
խիստ
եղած
է
ամբարտաւան
սոնքացող
ամիրաներու
հանդէպ,
այնպէս
որ
ահ
ու
դողի
առակայ
դարձած
էր
ամէն
զերծանողներու,
զի
չէր
քաշուեր
խիստ
միջոցներ
ալ
գործածել
անսաստներու
դէմ:
Իր
բարեպաշտական
զգացումները
յայտնի
էին
եւ
հրապարակային,
եւ
չէր
քաշուեր
ամէն
տեղ
ալ
զայն
յայտնել:
Մայրեկեղեցւոյ
վերաշինութեան
հրամանն
իսկ
այս
կերպով
ստացած
է,
յայտնելով
կայսեր
թէ
աւերակին
վրայ
բացագլուխ
աղօթելէն
տկարութեան
հանդիպած
էր
(ՊԷԶ.
74):
2500.
ՊԷԶՃԵԱՆ
ԲԱՐԵՐԱՐ
Բայց
ուր
որ
Պէզճեան
ինքզինքն
ալ
կը
գերազանցէ
ողորմութեան
եւ
բարերարութեան
գլուխն
է:
Ինքն
ամուրի
եւ
անժառանգ,
երկու
քոյրերը
առատապէս
օժտած,
լաւ
զետեղած
եւ
ապագանին
ապահոված,
բոլոր
իր
ստացութիւնը
ողորմութեանց
եւ
բարերարութեանց
յատկացնելու
իրաւունք
զգացած
է,
եւ
այսպէս
ալ
գործածած
է
իր
բովանդակ
ունեւորութիւնը,
որ
յայտնի
յիշատակուած
առատաձեռնութեններէն
հետեւեցնելով,
շատ
մեծ
գումարի
կը
յանգի:
Միայն
թէ,
ինչպէս
կ՚երեւի,
մթերելու
եւ
դրամագլուխ
կազմելու
միտքը
երբեք
ունեցած
չէ,
այլ
եկածը
ծախսելով
եւ
ունեցածը
գործածելով,
ինքն
ալ
գիտցած
չէ
իր
կարողութեան
քանակը:
Միեւնոյն
սկզբունքը
ունեցած
է
իր
բարերարութեանց
մէջ
ալ,
ներկան
հոգալով
եւ
ապագայն
չմտածելով:
Աղքատներ
եւ
տնանկներ
կերակրած
է
հանապազօր
եւ
բազմաթիւ
օգնած
է
աշխատութեան
եւ
արհեստի
միջոց
ու
գործիք
խնդրողներուն,
շինած
է
եկեղեցիներ
եւ
դպրոցներ
եւ
հանրօգուտ
շէնքեր,
նպաստած
է
օգտակար
հրատարակութեանց,
առատապէս
նուիրած
է
սպասներ
եւ
զարդեր`
թանկագին
եւ
մեծածախս
ըլլալու
պայմանով:
Ոչ
միայն
մայրաքաղաքի
մայրեկեղեցին
եւ
գլխաւոր
եկեղեցիներ,
այլեւ
միւս
աթոռներ
եւ
գաւառական
եկեղեցիներ
եւ
վանքեր
անմասն
չեն
մնացած
Պէզճեանի
նպաստներէն,
որոնք
մինչեւ
ցայսօր
կը
պահուին
երկիւղած
յարգանքով:
Դիտողութեան
արժանի
կը
նկատենք
միայն,
որ
Պէզճեանի
անունով
հասութաբեր
կալուած
մը
եւ
հաստատուն
եկամուտ
մը
մնացած
չենք
գտներ,
եւ
ինչ
որ
Պէզճեանի
կտակ
անունով
ամսական
2500
ղուրուշ
մայեկեղեցւոյ
դպրաց
ուսումնարանին,
եւ
500
ղուրուշ
Քարթալի
դպրոցին
սահմանուած
է
մայեկեղեցւոյ
սնտուկին
վրայ
բացէն
բեռ
մըն
է`
բանկալի
արդիւնքէն
վճարուելիք,
զի
1200
քսակ
գումարը
եկեղեցւոյ
շինուածին
գրուած
է,
եւ
ոչ
թէ
կալուածի
մը
կապուած
է
(63
ԺՄՆ.
99):
Պէզճէան
իր
եւ
իր
ժամանակին
ոգիէն
մղուած
եւ
կարծած
է
որ
ամէն
ժամանակ
ազգը,
եւ
մանաւանդ
ունեւոր
դասը
բաց
պիտի
պահէ
իր
ձեռքն
ու
իր
քսակը
եկեղեցական
պէտքերուն
առջեւ,
եւ
առատապէս
պիտի
լեցնէ
բանկալն
ու
պնակը,
որով
հնար
պիտի
ըլլայ
ոչ
միայն
եկեղեցին
չէն
պահել,
եւ
վարժարան
ու
աղքատ
հոգալ,
այլեւ
կտակներ
վճարել:
Պէզճեանի
համոզմամբ
եկեղեցին
հասութաբեր
կալուած
է
նկատուած,
եւ
ոչ
թէ
հասոյթ
սպառող
հաստատութիւն,
ինչպէս
եղած
է
այժմ:
Պէզճեանի
անունը
կը
գովուի
եւ
կ՚օրհնուի
իր
շինած
եկեղեցիներով
եւ
դպրոցներով
եւ
հիւանդանոցով,
բայց
ա'լ
աւելի
պիտի
օրհնուէր,
եթէ
շարք
մը
հաստատուն
կալուածներ
ալ
մնացած
ըլլային
իրմէն,
քան
թէ
մարգարտաշար
թագեր,
ականակուռ
խաչեր,
ոսկեթել
կերպասներ,
ոսկի
եւ
արծաթ
սպասներ,
եւ
թանկագին
ասղեգործածներ:
Բայց
իւրաքանչիւր
ոք
կ՚ոգեւորուի
իր
ժամանակին
ըմբռնումներով,
եւ
չապրիր
ապագայ
դարերու
սկզբունքներով:
2501.
Ս.
ՓՐԿՉԵԱՆ
ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ
Պէզճեանի
մեծագոյն
յիշատակներուն
փառաւորագոյնը
Գումքաբուի
մայր
եկեղեցին
է,
իր
քարուկիր
եւ
հոյակապ
տաճարներով,
զորս
արդէն
յիշած
եւ
նկարագրած
կը
գտնուինք
(§
2438).
բայց
մարդասիրական
տեսակետէն`
աւելի
մեծ
նշանակութիւն
կրնանք
տալ
Եէտիքուլէի
ազգային
հիւանդանոցին,
որչափ
ալ
փայտակերտ
եւ
համեմատաբար
համեստ
ըլլայ
անոր
շինուածը:
Մայրաքաղաքի
հայութիւնը
առանց
հիւանդանոցի
չէր.
1745,
1755
եւ
1792
թուականներով
կայսերական
հրովարտակներ
կը
հաւաստեն
անոր
գոյութիւնը,
եւ
կը
հաստատեն
անոր
արտօնութիւնները
(ՔԷՉ.
):
Այդ
միջոցին,
որուն
վրայ
կը
խօսինք,
ազգին
գլխաւոր
հիւանդանոցը
Նառլըքաբու
դուռնէն
դուրս
ծովափին
վրայ
կառուցուած
էր,
Ս.
Յովհաննէս
եկեղեցիին
ներքեւը
եւ
քովը:
Երկրորդ
մըն
ալ
կար
Բերայի
ծայրը,
Թաքսիմի
աղբիւրին
մօտերը,
Ս.
Յարութիւն
փոքրիկ
եկեղեցւոյն
յարակից:
Երկուքն
ալ
խեղճ
շէնքեր
էին,
աւելի
խեղճ
կազմակերպութեամբ:
Իսկ
յիմարները
Նառլըքաբու
կը
պահուէին,
շղթայի
եւ
գաւազանի
դարմանով
միայն
խնամուած:
Շատոնց
ընդհանուր
մտադրութեան
նիւթ
եղած
էր
բարւոքել
եւ
ընդարձակել
հիւանդանոցի
գրութիւնը
եւ
միաւորել
երկու
մասերը:
Ս.
Որդւոց
Որոտման
աւագ
տօնը
հիւանդանոցի
տօնախմբութեան,
ամիրայից
հաւաքման
եւ
հաշիւներու
կարգադրութեան
օրն
էր,
եւ
նոյնը
տեղի
կունենար
1831
դեկտեմբեր
29-ին
երեքշաբթի
օր:
Պատարագին
առէք
կերէք-ին
պահուն
խրատուող
խելագարներու
աղաղակները
կը
խեղդեն
ժամարարին
ձայնը
եւ
արարողութեան
երգերը:
Պէզճեան
եւ
ամիրաներ
կը
զգածուին,
եւ
պատարագէն
անմիջապէս
ետքը
ժողովի
կը
գումարուին,
եւ
նոր
եւ
անդորրաւէտ
հիւանդանոց
մը
շինելու
որոշումը
կու
տան
(ՔԷՉ.
6):
Ստեփանոս
Աղաւնի
պատրիարք,
որ
դեռ
եւս
նոր
պաշտօնի
էր
անցած,
պաշտօնական
դիմումը
իսկոյն
կատարեց,
միւս
կողմէն
գետինը
գտնուեցաւ,
գնուեցաւ
եւ
կարգադրուեցաւ.
Պէզճեան
կայսերական
հրամանը
փութացուց,
եւ
1832-ին
հիմնարկէքը
կատարուեցաւ,
հաւանաբար
տարւոյն
վերջերը:
Աշխատութիւնները
յառաջ
մղուեցան
1833-ին,
երբ
Պէզճեան
հիւանդ
եւ
տկարացած
անձնական
աշխատութենէ
քաշուած
էր,
բայց
հոգ
ու
խնամք
չէր
պակասեցներ,
որով
շինուածին
հոգաբարձութիւնը
վարեցին
Փիշմիշեան
Միքայէլ
եւ
Երկանեան
Յարութիւն
ամիրաները
(ՔԷՉ.
4):
Նոր
հիւանդանոցին
տեղը
որոշուած
էր
Եէտիքուլէի
դուռնէն
դուրս,
Գազըլչէշմէ
աղբիւրին
մօտը,
իբրեւ
օդասուն
եւ
խճողումներէ
ազատ
տեղ
մը,
թէպէտ
այն
ատեն
բոլորովին
ամայի:
Գնուած
գետինը
Սուլտան
Պայազիտ
մզկիթին
վագըֆներէն
էր
18000
կանգուն
քառակուսի
տարածութեամբ,
որ
գնուելուն
առթիւ
կայսերական
հրամանով
եւ
պատշաճ
վճարումներով
մուքաթայ
զէմին
վիճակի
վերածուեցաւ,
այսինքն
է
վագըֆին
դառնալու
վտանգէն
բոլորովին
ազատեցաւ
եւ
մշտընջենաւոր
ազգային
սեփականութիւն
եղաւ:
Գնուած
գետինը
Լէպլէպիճիօղլու
կոչուած
բանջարանոցն
էր,
եւ
քիչ
ետքը
Փիշմիշեանի
ձեռքով
անոր
կցուեցան
Քիրիշճիչայըրը
եւ
Քիրիշճի
թարլասը
կոչուած
մասերը
(ՔԷՉ.
20):
Շինութեան
ճարտարապետը
եղաւ
Պալեան
Կարապետ
ամիրա
եւ
օգնական
Սերվերեան
Յովհաննէս
ամիրա,
եւ
գործապետ
Օտեան
Պօղոս
աղա
(ՔԷՉ.
18):
Շինուածին
ընդարձակութիւնը
եղաւ
4000
քառակուսի
կանգուն,
եւ
ծախքը
4000
քսակ,
իւրաքանչիւր
քսակ
հինգ
օսմանեան
ոսկի
հաշուով:
Ծախքերուն
մեծ
մասը
Պէզճեան
տուաւ,
եւ
մնացածը
ամիրաներու
նւիրատուութիւններով
հայթայթուեցաւ,
որոնց
մէջ
յատկապէս
կը
յիշուին
Ճանիկ
Փափազեան,
Յարութիւն
Կէլկէլեան,
Երամ
Երամեան,
Միսաք
Միսաքեան
եւ
Անաստաս
հայհոռոմ
(ՔԷՉ.
17):
Պէզճեանի
սկզբունքն
էր
ամէն
ծախքերուն
մեծ
մասը
նուիրել
բայց
միւս
ունեւորներն
ալ
մասնակցութեան
ստիպել:
Շինուածը
փայտակերտ
էր
եւ
ամէն
ջանք
թափուեցաւ
որ
առաջ
վերջացնել,
որովհետեւ
Պէզճեանի
վիճակը
կը
ծանրանար,
եւ
ամէն
ոք
կ՚աշխատէր
զայն
մխիթարել
եւ
ուրախացնել,
եւ
վերջապէս
հազիւ
թէ
մեծ
դուռը
կախուեցաւ
մահուանէ
մէկ
քանի
օր
առաջ
բանալին
իրեն
ներկայացուեցաւ
(ՔԷՉ.
8),
թէպէտ
շինութիւնը
բոլորովին
աւարտած
չէր:
2502.
ՊԷԶՃԵԱՆԻ
ՄԱՀԸ
Պէզճեան
հազիւ
63
տարեկան
էր
տակաւին,
որ
ծանր
տարիք
մը
չէ,
բայց
բազմաշխատ
կեանքը,
տագնապալից
անցքերը
եւ
մորմոքիչ
դէպքերը
հիւծած
էին
զինքը,
եւ
1832
տարւոյ
վերջերը
ջրգողութեան
ախտիւ
տկարացած,
դարմաններու
կը
հետեւէր,
առանց
զգալի
օգուտ
մը
տեսնալու:
Պալատական
բժիշկներու
խորհրդով
եւ
Եալօվայի
ճամբով
Պրուսայի
Չէքիրկէ
ջերմուկը
գնաց,
բայց
օգուտ
չտեսնելով
երեք
շաբաթէ
ետ
եկաւ:
Հիւանդութիւնը
տակաւ
կը
ծանրանար,
եւ
որովհետեւ
այլեւս
պալատ
չէր
կրնար
երթալ,
սուլտան
Մահմուտ
երեկոյ
մը
մթննալէն
ետքը
անձամբ
այցելեց,
եւ
նաւակով
Եէնիքաբու
անոր
տունը
եկաւ:
Միւս
կողմէն
արքունի
սենեկապետները
ամէն
օր
անպակաս
կու
գային
լուր
առնել
եւ
տանիլ:
Օդափոխութեան
յոյսով
Վոսփորի
վրայ
Օրթաքէօյ
փոխդրուեցաւ
Փիշմիշեանի
տունը,
բայց
անկէ
ալ
օգուտ
մը
չտեսաւ,
եւ
հանդարտօրէն
ու
քրիստոնէաբար
մահուան
պատրաստութեան
սկսաւ:
Փողերապետութիւնը
Տիւզեան
Յակոբի
համար
խնդրեց
եւ
ընդունեցաւ
(63
ԺՄՆ.
195),
ինչպէս
ճարտարապետութիւնը
Պալեան
Գրիգորի
որդւոյն
Կարապետի,
եւ
վառօդապետութեան
երկու
գործարանները
Տատեան
Սիմէոնի
եղբօր
Յովհաննէսի
եւ
որդւոյն
Պօղոսի
փոխանցել
տուած
էր`
Գրիգորի
եւ
Սիմէոնի
մեռնելէն
ետքը
(63
ԺՄՆ.
161):
Այս
միջոցին
էր
որ
ռուսական
դեսպան
Բլուտէվ
Էջմիածնի
եւ
Կ
Պոլսոյ
յարաբերութիւնները
վերահաստատելու
համար
Պէզճեանի
միջնորդութեան
պէտքը
կը
զգար,
եւ
1833
հոկտեմբեր
25-ին
կը
գրէր,
թէ
նա
ջերմուկներէ
դարձած
ըլլալով,
ըստ
ամենայնի
հաւանած
եւ
օգնած
է
իր
աշխատութեանց:
Այդ
պարագայն
երկու
երեք
ամիս
միայն
առաջ
էր
իր
մահուանէն
եւ
հիւծած
էր
արդէն,
բայց
միշտ
ազգային
մեծ
շահերով
կը
զբաղէր
Պէզճեանը,
զոր
դեսպանը
կը
ներկայէ
իբր
Տաճկաստանում
Հայ
ազգի
գլխաւոր
անձն
եւ
նեցուկը
(ԵՐՑ
Բ.
53):
Վերջապէս
դեղ
եւ
խնմաք
չկրցան
փրկել
Պէզճեանը
իր
ցաւէն,
եւ
հոգին
աւանդեց
նոր
1834
տարւոյ
յունուար
3-ին,
չորեքշաբթի,
Ծնունդի
պահոց
հինգերորդ
օր:
Յակոբ
Տիւզեան
իբրեւ
մտերիմ
անբաժան
էր
քովը.
արքունական
կենդանագիրի
շքանշանը
անմիջապէս
կայսեր
տարաւ,
որ
յուզուեցաւ
եւ
փղձկեցաւ
բօթաբեր
գոյժէն,
մինչ
իրեն
հրամանով
նոր
տուն
մը
կը
շինուէր
Վոսփորի
վրայ
Պէզճեանի
համար:
Հրամայեց
մարմինը
իր
պալատին
առջեւէն
անցունել,
որ
հրաժեշտի
բարեւը
կարենայ
տալ,
եւ
ըստ
այսմ
Փիշմիշեան
տունէն
նաւամատոյց
բերուեցաւ
մարմինը
լռին
թափօրով,
որուն
կընկերանային
Ստեփան
Պատրիարք,
Կարապետ
նախորդ
պատրիարք
եւ
Աստուածատուր
ապագայ
պատրիարք:
Յատուկ
նաւակով
եւ
բազմաթիւ
նաւակներու
հետեւողութեամբ,
մարմինը
բերուեցաւ
Սարայպուրնուի
արքունի
պալատին
առջեւ,
մինչ
սուլտան
Մահմուտ
պատուհանէն
կը
դիտէր
եւ
տխրազգեաց
կոջունէր:
Նաւակները
Մարմարայի
եզերքէն
եկան
Եէնիքաբու,
Պէզճեանի
տունը,
ուր
կազմակերպուեցաւ
յուղարկաւորութեան
եկեղեցական
թափօրը,
եւ
մարմինը
փոխադրուեցաւ
Քումքաբուի
մայրեկեղեցին.
կարգը
կատարուեցաւ
Ստեփան
պատրիարքի
նախագահութեամբ,
իսկ
դամբանականը
խօսեցաւ
Կարապետ
նախորդ
պատրիարքը,
եւ
մարմինը
ամփոփուեցաւ
իր
իսկ
պատրաստել
տուած
շիրիմին
մէջ,
Ս.
Յարութիւն
փոքր
տաճարին
առջեւը:
Հանդէսին
փառաւորութեան
եւ
խուռն
բազմութեան
եւ
օտարազգեաց
մասնակցութեան
եւ
եկեղեցական
պատիւներու
մասին
բաւական
ըլլայ
կրկնել,
թէ
զայս
մեծահանդէս
թաղումն
ոչ
ոք
ի
ծերունեաց
լուեալ
եւ
տեսեալ
էր
երբէք:
Մահը
յիշեցինք
յունուար
3-ին,
թաղման
համար
ալ
նոյնպէս
յերորդ
աւուր
յունուարի
ըսուած
է
(ՊԷՐ.
258),
որով
պէտք
կ՚ըլլայ
ըսել
թէ
առաւօտեան
դէմ
կամ
գիշերուան
մէջ
տեղի
ունեցած
է
հոգւոյն
աւանդումը,
կէսօրին
առաջ
մարմինին
կայսերական
պալատին
առջեւ
եւ
Եէնիքաբու
բերուիլը,
եւ
կէսօրէն
ետքը
եկեղեցական
արարողութիւնը
զի
պատարագ
ալ
յիշուած
չէ:
Եկեղեցւոյ
շրջապատին
մէջ
թաղուիլը
առանձին
հրովարտակով
արտօնուած
էր
սուլտան
Մահմուտէ:
Կը
պատմուի
թէ
անգամ
մը
կոչին
ուշանալուն
առթիւ
սուլտանը
կը
հարցնէ
թէ
ո՞ւր
էիր,
անոր
պատասխանին
վրայ
թէ
եկեղեցին
էի,
կայսրը
կը
պատասխանէ
եկեղեցին
մնաս,
եւ
Պէզճեան
իսկոյն`
մշտնջենապէս
եկեղեցին
մնալու
համար
հոն
թաղուելու
հրամանը
կը
խնդրէ
եւ
կը
ստանայ:
Հրովարտակն
ալ
ընդունելով
շիրիմը
կը
պատրաստէ
եւ
ստէպ
անոր
առջեւ
կ՚աղօթէ
եղեր
(63
ԺՄՆ.
121):
Կանխած
ենք
Պէզճեանի
ձիրքերուն
եւ
կարողութեանց
զանազան
պարագաները
բացատրել,
ուստի
աւելորդ
կը
սեպենք
մահուանէ
ետքը
անդրադառնալ
անոր
անձին
վրայ
եւ
կատարած
գործերը
թուել:
Ազգային
շրջանակի
մէջ
պէտք
չէ
մոռացուին
որչափ
ինչ
ազգային
տագնապներու
եւ
Երուսաղիմական
կնճիռներու
մէջ
գիտցաւ
կատարել
եւ
արդիւնաւորել,
եւ
որչափ
ինչ
մասնաւոր
գործերու
եւ
մասնաւոր
անձերու
նպաստաւորեց:
Պատմուածներուն
հիմնուելով
կրնանք
վստահաբար
եզրակացնել
թէ
իբրեւ
անհատական
անձ,
իբրեւ
հաւատացեալ
քրիստոնեայ,
իբրեւ
հայազգի
անդամ,
իբրեւ
մեծահարուստ
աւագանի,
իբրեւ
հանրային
անձնաւորութիւն,
իբրեւ
պետական
պաշտօնեայ,
իբրեւ
քաղաքագէտ
միտք,
իբրեւ
ելեւմտագէտ
հանճար,
իբրեւ
կայսերական
խորհրդատու,
ամէն
շրջանակներու
մէջ
ալ
անբասիր
գործունէութիւն
մը
ունեցած
է,
ընտիր
բարեմասնութիւններով
փայլած
է
իր
բովանդակ
կեանքին
մէջ,
եւ
արժանի
է
այն
համբաւին
զոր
վայելեց
եւ
կը
վայելէ:
2503.
ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻՆ
ԼՐՈՒՄԸ
Պէզճէանի
մեռած
ատեն
շատ
մը
ազգային
ձեռնարկներ
կային,
իրմէ
գաղափարուած
եւ
իրմով
սկսած
բայց
իրենց
վերջնական
կազմութիւնը
չէին
առած,
եւ
արդիւնաւորութեան
անցնելու
համար
հսկողութեան
եւ
աշխատութեան
պէտք
ունէին:
Ազգային
աւագանին
կամ
ամիրայից
ժողովը,
արդէն
Պէզճեանէ
ոգեւորուած,
անոր
մահուընէ
ետքը
անոր
թողածները
լրացնելու
պարտքը
զգաց,
եւ
Միքայէլ
ամիրա
Փիշմիշեան,
որ
այնչափ
մօտիկ
եղած
էր
Պէզճեանի,
կերպով
մը
անոր
յաջորդն
ու
անոր
տեղը
անցնողն
եղաւ
իբրեւ
գլուխ
ամիրայից
ժողովին:
Յունուար
25-ին
միեւնոյն
մահուան
տարին
եւ
ամիսը,
ազգային
ժողով
գումարուեցաւ,
մայրեկեղեցւոյ
մէջ`
Տնանկաց
սնտուկին
տուրքերը
սահմանելու
իւրաքանչիւր
էսնաֆի
կամ
արհեստաւորաց
խումբի
կարողութեան
եւ
կարեւորութեան
համեմատ:
Այդ
սնտուկը
1832-ին
հաստատուած
էր
Պէզճեանի
նախաձեռնութեամբ,
բայց
կազմակերպութիւնը
պէտք
ունէր
նորանոր
որոշումներու:
Այս
եւ
ասոր
նման
խնդիրներու
համար
հեղինակաւոր
անձին
պակսելովը
հարկ
եղաւ
մարմին
մը
ընտրել
վասն
ազգին
գործոց,
որոնց
գործն
ըլլայ
զբաղիլ
ի
բարւոք
կառավարութիւն
հիւանդանոցին,
տնանկ
աղքատաց
եւ
դպրոցաց
(ՔԷՉ.
26),
եւ
մարտ
19-ին,
մեծ
պահոց
երրորդ
երկուշաբթին,
Ստեփանոս
պատրիարք
ժողով
հրաւիրեց
ամիրայից
եւ
էսնաֆի
գլխաւորաց,
ուր
ընտրեցան
եւ
որոշեցան
ի
նախապատիւ
արանց,
իմա
յամիրայից,
տասն
անձինք
ազգային
վերին
մարմինը
կազմելու,
պատրիարքին
խորհրդականներն
ըլլալու,
եւ
պատրիարքարանը
կառավարելու
պատրիարքին
հետ:
Ընտրուած
տասն
ամիրաներն
եղան,
Միքայէլ
Փիշմիշեան,
Ճանիկ
Փափազեան,
Յարութիւն
Երկանեան,
Յովհաննէս
Ազնաւորեան,
Պետրոս
Խօրասանճեան,
Մարտիրոս
Պաղտասարեան,
Մաքսուտ
Սարիմեան,
Պաղտասար
Գասպարեան,
Յարութիւն
Կէլկէլեան
եւ
Յովհաննէս
Բինկեան:
Առաջին
գործերէն
առաջինը
հիւանդանոցի
շինութիւնը
լրացնելն
էր,
ներքինը
կահաւորել
եւ
արտաքինը
կարգադրել,
եւ
միանգամայն
անոր
յարակից
մասերը
լրացնել,
որոնք
Պէզճեանի
մեծ
ծրագիրին
մասը
կը
կազմէին,
բայց
յետաձգուած
էին:
Երբոր
հիւանդներու
հոգով
կը
զբաղուէր
ժանտախտը
ճարակած
էր
եւ
յատուկ
խնամք
կը
պահանջէր,
եւ
տարափոխիկ
ըլլալու
պարագան
բուն
հիւանդանոցէն
զատել
կը
պահանջէր:
Հիւանդանոցի
հիմնարկէքէն
հինգ
ամիս
ետքը
ստացուած
էր
ժանտախտանոցի
հրովարտակը,
եւ
հաստատութեան
գետինը
նւիրած
էր
Տատեան
Պօղոս
պէյ
վառօդապետ,
10000
քառակուսի
կանգուն
հող
մը
Մարմարայի
ծովեզերքը,
բուն
հիւանդանոցէն
հինգ
վայրկեանի
չափ
հեռու,
Իսքէնտէր
Չէլէպի
կոչուած
տեղը:
Այս
մասն
ալ
փայտակերտ
շինուեցաւ,
եւ
մէջն
ալ
ժանտախտի
դէմ
պաշտպան
Ս.
Յակոբ
Մծբնայ
հայրապետին
նուիրուած
մատուռ
մը:
Մատուռ
մըն
ալ
բուն
հիւանդանոցին
մէջ
պէտք
էր,
եւ
ասոր
համար
ալ
յատուկ
հրովարտակ
մը
ստացուած
էր
ժանտախտանոցի
հրովարտակէն
առաջ,
եւ
հիւանդանոցին
հետ
միասին
շինուեցաւ,
ու
Ս.
Փրկիչ
անունին
նուիրուեցաւ
(ՔԷՉ.
28):
Ազգային
եկեղեցիներուն
մոմը
պատրաստելու
համար
մոմարանի
մը
համար
արտօնութիւն
ձեռք
բերուեցաւ
Փիշմիշեանի
ջանքով,
եւ
հիւանդանոցի
յարկերուն
նեղ
գալը
զգացուելով,
յիմարանոցի
եւ
անկելանոցի
մասերը
աւելցնելու
ձեռնարկուեցաւ
(ՔԷՉ.
19):
Այսպէս
հետզհետէ
ճոխացաւ
եւ
ընդարձակուեցաւ
Պէզճեան
հաստատութիւնը
եւ
կարգը
եկաւ
հանդիսական
նաւակատիքը
եւ
պաշտօնական
բացումը
կատարելու,
որ
տեղի
ունեցաւ
նոյն
1834
տարին:
Թէպէտ
ճիշդ
օրը
յիշուած
չէ,
բայց
պատրիարքական
կոնդակին
մէջ
տարեկան
հանդէս
տօնախմբութեան
կարգեցաւ
լինել
յաւուր
Համբարձման
Քրիստոսի
ըսուելէն
(ՔԷՉ.
34),
միեւնոյն
Համբարձման
օրը
առաջին
հանդէսին
ալ
տեղի
ունեցած
լինելը
իրաւամբ
կը
հետեւցնենք
(ՔԷՉ.
36),
որ
1834-ին
հանդիպած
է
մայիս
31-ին:
Պէզճեան
շինուածը
որ
այն
ատեն
նոյնիսկ
Եւրոպացւոց
կողմէ
յոյժ
գեղեցիկ
հաստատութիւն
մը
ճանչցուած
էր
(ՔԷՉ.
263),
տարիներ
անցնելով
հինցաւ,
եւ
բժշկական
պահանջները
ու
դարմանական
գրութիւնները
փոփոխուեցան,
եւ
հարկ
եղաւ
փայտակերտ
հիւանդանոցը
քակել
եւ
նորէն
շինել
քարուկիր,
այնպէս
որ
Պէզճեան
շինուածէն
բան
մը
մնացած
չէ
այլեւս
Ս.
Փրկչեան
հիւանդանոցի
մէջ:
Վերաշինութեան
հիմնարկէքը
կատարուեցաւ
1888
օգոստոս
17-ին
Յարութիւն
Վեհապետեան
նոր
հրաժարած
պատրիարքին
նախագահութեամբ,
եւ
մաս
առ
մաս
քակուելով
ու
շինուելով
լրացաւ
18
տարի
ետքը
1906
դեկտեմբեր
3-ին,
նոր
եկեղեցւոյն
օծմամբ
Օրմանեան
Մաղաքիա
պատրիարքին
ձեռամբ:
2504.
ՏԱՃԿԱՀԱՅԵՐ
ԵՒ
ԷՋՄԻԱԾԻՆ
Նշանաւոր
եղելութիւններ
հանգրուաններ
կը
կազմեն,
եւ
դիւրութիւն
կընծայեն
մեզ
պատմութեան
գետինը
տեղափոխելու,
ինչպէս
այս
անգամ
ալ
նորէն
մայրաթոռի
կողմը
անցնելու:
Յովհաննէս
կաթողիկոս
Տաճկահայոց
հետ
յարաբերութիւններ
վերսկսելու
հետամուտ,
միւռոն
յղելու
համար
1832
մայիսին
Կովկասի
կառավարչապետին
ուղղած
նամակին
պատասխանին
կը
սպասէր,
որ
կ՚ուշանար
զի
կառավարիչը
1833
մարտին
միայն
զայն
նախարարութեան
հաղորդած
էր
(§
2490):
Յովհաննէս
աւելի
ճշդելով
յարաբերութեան
միջոցները,
պատգամաւոր
նշանակուած
Բարսեղ
եպիսկոպոսի
ձեռքով
առաջարկած
էր,
որ
կաթողիկոսի
անունը
պատարագի
եւ
ժամերգութեան
մէջ
յիշուի,
որ
երեք
տարին
անգամ
մը
թեմերու
միւռոն
բաշխուի,
որ
Տաճկահայոց
եկեղեցիներու
մէջ
Էջմիածնի
գանձանակ
հաստատուի,
որ
Էջմիածնի
կողմէ
Կ.
Պոլսոյ
մէջ
մնայուն
վերահսկող
գործակալ
մը
գտնուի
(ԵՐՑ.
Բ.
56):
Բայց
նախարարը
մինչեւ
վերջ
պնդեց
որ
Էջմիածինէ
պատգամաւոր
չղրկուի,
եւ
յանձնարարեց
կառավարչապետին
կոնդակները
դեսպանին
յղել,
որ
անոր
ձեռքով
յանձնուին,
ինչպէս
որ
ալ
գործադրուեցաւ
1834
հոկտեմբերին,
եւ
միանգամայն
դեսպանին
յանձնարարուեցաւ
կաթողիկոսին
չորս
առաջարկներուն
համար
աշխատիլ
(ԵՐՑ.
Բ.
57-58):
Դեսպանին
1835
փետրուար
6-ին
գրութենէն
կը
քաղուի,
որ
Կ.
Պոլիս
եւ
Երուսաղէմ
ջերմեռանդական
յարգանքով
ընդունած
են
կոնդակները,
որ
փոխադարձ
պատասխանները
յանձնած
են
դեսպանին,
Եփրեմի
եւ
Յովհաննէսի
եւ
Բարսեղի
հասցնելու
համար,
որ
չորս
առաջարկներէն
երեքը
ընդունած
են
իսկ
Կ.
Պոլսոյ
մէջ
Էջմիածնի
գործակալ
հաստատելուն
մասին
քաղաքական
դիտողութիւն
են
յայտնած:
Էջմիածին
կը
կարծէր
որ
այդ
դարձուածքներուն
մէջ
Կ.
Պոլսոյ
եւ
Երուսաղէմի
պատրիարքները
խաղ
են
խաղում,
եւ
թէ
կը
ջանան
խուսափել
նորա
իրաւասութիւնը
ճանաչելուց
(ԵՐՑ.
Բ.
61):
Սակայն
թիւրիմացութիւնը
իրաւասութեան
ձեւին
վրայ
էր:
Տաճկահայերը
Մայրաթոռոյ
իրաւասութիւնը
հոգեւորական
կ՚իմանային,
իսկ
Էջմիածին
անոր
նիւթական
իմաստ
կու
տար,
մինչ
Օսմանեան
օրէնսդրութիւնը
անձի
եւ
ինչքի
վրայ
նիւթական
իրաւասութիւնը
օտարահպատակի
չէր
ներեր:
Տաճկահայեր
ալ
կ՚աշխատէին
այդ
ուղղութիւնը
պաշտպանել
առանց
Էջմիածնի
դիւրազգածութիւնը
գրգռելու:
Ուրիշ
պարագայ
մըն
ալ
կար
Տաճկահայոց
սիրտը
վիրաւորող,
իբր
զի
Մայրաթոռոյ
գահակալի
փոփոխութեան
մասին
տեղեկութիւններ
կը
ստանային,
թէ
Յովհաննէսն
է
հրաժարեցրել
Եփրեմին
ու
հեռացրել
Ներսէսին
եւ
բռնի
է
տիրացել
աթոռին
եւ
թէ
միաբանութիւնը
ապստամբել
է
նորա
դէմ:
Իրօք
ալ
առջի
կէտերը
բոլորովին
սուտ
չէին,
եթէ
գաղտնի
մեքենայութեանց
եւ
ծածուկ
դարձուածոց
շրջանակի
մէջ
մտնենք,
ինչպէս
պատմեցինք,
եւ
վերջին
մասն
ալ
արդէն
սկսած
էր,
ինչպէս
պիտի
պատմենք,
Յովհաննէս
իր
ուզած
ձեւը
պաշտպանելու
համար
Տփղիս
ալ
գնաց,
եւ
բերանացի
բացատրութիւններով
Ռօզէնի
վրայ
ալ
ազդեց
միայն
թէ
պատշաճ
դատուեցաւ
Տաճկահայոց
կասկածները
փարատելու
համար
միաբանական
հանրագիր
մը
պատրաստել,
ինչպէս
ալ
պատրաստուեցաւ
Յովհաննէսի
դառնալէն
ետքը,
եւ
կառավարչապետին
յղուեցաւ,
անկէ
ալ
1835
նոյեմբերին
նախարարութեան
հաղորդուեցաւ
անկէ
ալ
դեսպանին,
եւ
դեսպանէն
պատրիարքին,
բայց
ակնկալեալ
ազդեցութիւնը
չունեցաւ,
զի
գրուած
է
եղել
անվայել
ձեւերով
եւ
կոշտ
լեզուով
(ԵՐՑ.
Բ.
64),
այնչափ
որ
դեսպանն
իսկ
յանձնարարած
է
կաթողիկոսին
իմացնել,
որ
չգործածէ
ամբարտաւանութեան
եւ
կշտամբանաց
լեզուն,
որ,
բացի
գրգռելուց
ոչինչ
նպատակի
չէ
հասցնում:
Այս
պատճառով
կայսերական
հրաման
ալ
արձակուած
է,
որ
Էջմիածնի
գրութիւնները
առ
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքները
կանխապէս
քննուին
ներքին
գործոց
նախարարութեան
մէջ:
Յովհաննէսի
պնդումները
շարունակեցին
Ռօզէնի
պաշտպանութեամբ,
որ
կատարելապէս
անոր
միտքին
շահուած
էր,
մինչ
նախարարն
ու
դեսպանը
հակառակ
կարծիք
կը
յայտնէին,
եւ
նախարարապետն
ալ
կը
հրահանգէր,
թէ
այսպիսի
գործերում
չպիտի
տեղի
ունենան
ո'չ
անմտադիր
խուճապումն,
եւ
ո'չ
էլ
տհաճութեան
ձեւեր,
այլ
հարկ
է
յառաջ
ընթանալ
զգուշութեամբ
եւ
խոհեմաբար
(ԵՐՑ.
Բ.
58):
2505.
ԿԱՐԲԵՑԻԻՆ
ԱՐԱՐՔԸ
Սակայն
Յովհաննէսի
դիւր
չէին
գար
այդ
խորհուրդները,
եւ
դուրսն
ալ
կ՚աշխատէր
նոյն
ուղղութեամբ
գործել,
որով
ներսը
կը
գործէր,
գլխաւոր
կէտ
նպատակի
ունենալով
իր
դրամական
օգուտը:
Արդէն
Տփղիսի
առաջնորդութեան
մէջ
ալ,
որ
հազիւ
տարի
մը
տեւեց,
այդ
ուղղութիւնը
առաւելօքը
շեշտուած
էր:
Ներսէս
տեսնալով
քահանայից
թիւն
տարապայման
աճած
ըլլալը,
եւ
անարժաններուն
առջեւ
անցած
ըլլալը
բնաւ
քահանայական
ձեռնադրութիւն
չկատարեց
14
տարուայ
առաջնորդութեան
միջոցին
(ԵՐՑ.
Բ.
101):
Ընդհակառակն
Յովհաննէս
ընդարձակեց
անխտիր,
եւ
բազմաթիւ
ձեռնադրութիւններ
կատարեց
միակ
մէկ
պայմանաւ,
աջահամբոյրի
մասին
համաձյնութիւն
կայացնելուց
յետոյ
(ԵՐՑ.
Բ.
101),
եւ
տասն
եւ
մէկ
ամսուան
մէջ
(ԵՐՑ.
Բ.
100)
23000
ռուբլու
արդիւնք
ունեցաւ
ձեռնադրութիւններէն
(ԵՐՑ.
Բ.
103):
Մտերիմ
քահանաներ
ունէր,
որոնք
միջնորդի
դեր
կը
վարէին,
եւ
եկեղեցական
պատիւներով
կը
վարձատրուէին,
բաւական
էր
որ
առատ
նուէրներ
ժողովէին
նորընտիր
հայրապետի
համար:
Նշանաւոր
հանդիսացաւ
այդ
մասին
Մողնու
եկեղեցւոյն
Եսայի
Դանդուրեան
քահանան:
Յովհաննէսի
այդ
ընթացքը
ժամանակին
տէրութեան
ուշադրութեան
առարկայ
դարձաւ:
(ԵՐՑ.
Բ.
103),
եւ
գուցէ
այդ
էր
նախարարութեան
կողմէ
Տաճկահայոց
յարաբերութեանց
մասին
ցուցուցած
վերապահեալ
ուղղութիւնը.
զի
Յովհաննէս
եպիսկոպոսական
եւ
առաջնորդական
ընտրութեանց
համար
բանակցութեանց
մտած
էր,
թէ
ո'վ
աւելի
կը
վճարէ
իւրեան:
Այդ
ժամանակէն
սկսան
պետական
հրամաններ,
ամէն
աստիճանէ
եկեղեցականներ
չձեռնադրել
առանց
կառավարական
հաւանութեան,
որով
Էջմիածին
պիտի
զրկուէր
նիւթական
առատ
աղբիւրից,
որ
ամէնից
շատ
էր
զգալի
Կարբեցւոյն
(ԵՐՑ.
Բ.
106):
Ռուսական
տէրութիւնը
ազատի
եւ
ճորտի
տարբերութիւնը
կը
պահէր
ժողովուրդին
մէջ,
եւ
1807-ի
օրէնքով
ամէն
եկեղեցական
աստիճան
ունեցողը
ազատ
հռչակեց
ճորտութիւնից,
եւ
անոր
յարակից
հարկերից
եւ
ծեծից,
ինչպէս
նաեւ
ուրիշ
անպատուութեանց
ենթարկելէ,
եւ
այս
էր
պատճառը
որ
ամէն
ոք
սիրով
կը
վճարէր
որեւէ
գումար,
եւ
տնով
տեղով
վայելում
էր
ազատ
ազնուականաց
իրաւունք,
եւ
առաջնորդներ
կ՚օգտուէին
այդ
տրամադրութենէն,
ուսկից
Աշտարակեցին
միայն
չգայթակղեցաւ,
որչափ
ալ
իր
ձեռնարկներու
համար
առատ
դրամի
պէտք
ունէր:
Յովհաննէսի
կողմէ
Տաճկահայոց
հետ
յարաբերութեան
խնդիրն
ալ,
ինչպէս
արդէն
ակնարկեցինք,
անոր
միտքին
մէջ
նիւթականին
շուրջը
կը
դառնար
(§
2504),
եւ
Աղաւնին
աւելի
քան
մեղադրելի,
գովելի
պէտք
էր
դատուէր
իր
դիտողութեանց
մէջ:
Յովհաննէս
կաթողիկոսութեան
ատեն
շատ
աշխատեցաւ,
առանց
կառավարութեան
միջամտութեան
անարգելք
ձեռնադրութիւն
կատարելու
համար,
բայց
իր
ցանկութիւնը
չիրագործուեցաւ,
եւ
քանի
մը
տարի
տեւող
բանակցութիւնները
փակուեցան
1834
փետրուար
26-ի
վճռական
հրամանով,
որ
ետքէն
Էջմիածինի
համար
կազմակերպուած
կանոնադրութեան
մէջ
ալ
անցաւ
(ԵՐՑ.
Բ.
119):
Որչափ
ալ
յայտնի
էր
ռուսական
կայսրութեան
ուղղութիւնը,
եկեղեցական
վարչութեանց
մէջ
իր
պետական
ազդեցութիւնը
շեշտելու,
սակայն
ցաւալի
է
նկատել,
որ
հայ
եկեղեցականութիւնը,
եւ
յատկապէս
Կարբեցին,
քաջալեր
ընծայած
են
այդ
գործունէութեան:
Իբր
հետաքրքրական
պատրագայ
մը
յիշենք
Էջմիածինի
պարտքին
հաշիւները,
որ
պարսկական
դրամով
բարձրացած
էր
44000
թումանի,
զոր
Հիւսէյին
սարտար
վերածած
էր
30000-ի,
եւ
անոր
փոխարեն
14500
Տփղիսէ
վճարուած
էր
Ներսէսի
ձեռքով
եւ
9330
ալ
աթոռէն
վճարուելով,
կը
մնար
6170
թուման
պարտք:
Այդ
պարտքը
փոխանցուեցաւ
Յովհաննէսի,
եւ
հաշուեցաւ
24800
ռուբլի:
Իսկ
այս
գումարին
հանդէպ,
նա
ստացած
է
50148
ռուբլի
զանազան
հասոյթներէն
եւ
10000
ռուբլի
պետական
շնորհէն
(ԵՐՑ.
Բ.
120-121):
Յովհաննէսի
տարադէպ
ուղղութեան
յայտարար
մըն
է
նաեւ
Լազարեան
Յովհաննէս
եւ
Խաչատուր
եղբայրներուն
1832
փետրուար
4-ին
իրեն
ուղղած
նամակը,
ուր
Էջմիածնի
անկումը
եւ
զեղծումները
նկարագրելով
անոնք
բարեկարգելու
յորդոր
կը
կարդան
(ՍԵԴ.
132-137),
բայց
Կարբեցիի
համար
կարգ
ու
կանոնն
եւ
ուղղութիւն
անհասկանալի
էին
միանգամայն
(ՍԵԴ.
138):
2506.
ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ
ԸՆԹԱՑՔԸ
Յիշեցինք
որ
Կ.
Պոլսոյ
մէջ
լուրեր
կը
պատէին
թէ
Էջմիածնի
միաբանութիւնը
Կարբեցիին
դէմ
ելած
է
(§
2504):
Իրոք
ալ
այդ
շշուկները
սկսած
էին
նոյնիսկ
Կարբեցիին
հաստատութիւնը
չհասած
եւ
օծումը
չկատարուած:
Ընտրութենէն
երկու
ամիս
ետքը,
1831
մայիսին
լսուեցաւ
որ
Մայրաթոռոյ
աւանդատունէն
բազմաթիւ
արծաթեղէն
իրեր
գողցուած
են:
Կասկածը
ծանրացաւ
Վաղարշապատցի
Սահակ
եպիսկոպոսի
վրայ,
եւ
խուզարկութիւն
կատարուելով
քովէն
ելան,
15
սկիհ,
15
գօտի,
60
խաչ,
եւ
արծաթէ
ջահ
ու
աշտարակներ
ու
մասունքներ,
եւ
արձանագրութիւն
կազմւելով
Կարբեցիին
հաղորդուեցաւ
մայիս
28-ին:
Բայց
Սահակ
Կարբեցիին
կուսակից
էր,
եւ
բարւոք
համարեց
ծածկել
այս
խայտառակ
իրողութիւնը
(ԵՐՑ.
Բ.
138),
բայց
ազդեցութիւնը
մնաց:
Պաշտօնավարութեան
սկիզբէն
սկսաւ
միահեծան
գործել,
ոչ
Եփրեմի
եւ
ոչ
Սինոդի
հետ
խորհրդակցիլ,
հալածել
իրեն
համակիր
չեղողները,
եւ
առջեւ
քաշել
համակիր
անպէտները:
Սակայն
դժգոհներ
սկսան
իրենց
պատրաստութեանց,
եւ
լրտեսում
եւ
ցուցակագրում
էին
անոր
բոլոր
արածները:
Այդ
կէտը
շեշտուեցաւ
մանաւանդ
1832-ի
եպիսկոպոսական
ձեռնադրութիւններով
(§
2490),
որոնց
աւելցան,
1832
յուլիս
10-ին
Սուքիաս
Կարնեցի,
1833
ապրիլ
30-ին
Միքայէլ
Սալլանթեան,
յուլիս
9-ին
Նիկողայոս
Տէր-Մարուգեան,
եւ
սեպտեմբեր
17-ին
Գէորգ
Քեղվեցի
եւ
Յարութիւն
Շնողնեցի,
եւ
քիչ
ետքն
ալ
1834
մայիս
6-ին
Նիկողայոս
Խամսեցին
եւ
յուլիսի
21-ին
Մկրտիչ
Կարճիկեանը:
Ասոնց
հետ
ձեռնադրուեցան
Տաճկահայերէն,
Գրիգոր
Տրապիզոնի
առաջնորդ,
Զաքարիա
Կոփեցի
Երուսաղէմի
փոխանորդ,
եւ
Պետրոս
Կուրավցի
Կարնոյ
առաջնորդ:
Էջմիածնի
ձեռնադրութիւնները
մեծ
անբաւականութիւն
պատճառեցին
միաբանութեան
մէջ,
զի
աւելի
արժանաւորները
յետաձգուած
էին
լոկ
հակակրութեան
պատճառով,
եւ
անոնց
գլուխ
էր
կանգնած
Յովհաննէս
Ղրիմեցին
Սինոդի
ատենապետը,
որ
իրօք
աւելի
ուսումնականութիւն
եւ
աւելի
պատրաստականութիւն
ունէր,
եւ
այս
պատճառով
կը
համարձակէր
մինչեւ
իսկ
կառավարչապետին
դիմել
կաթողիկոսին
դէմ:
Բայց
Ռօզէն
արդէն
վաստակուած
էր
Կարբեցիին
կոմէն
(ԵՐՑ.
Բ.
141),
եւ
դիմումն
ալ
նշանակութիւն
չունեցաւ:
Միայն
թէ
դժգոհութիւնը
տակաւ
տարածուեցաւ
եւ
պաշտօնապէս
երեւան
ելնելու
համարձակեցաւ:
Մէկէ
աւելի
պատճառներ
ունէին
Կարբեցիին
պաշտօնավարութենէն
դժգոհներ,
ոչ
թէ
լոկ
անձնական
պատճառներով,
այլ
առաւելապէս
աթոռական
եւ
միաբանական
գործերու
անխնամ
մնալէն:
2507.
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ
ԵՒ
ՆԵՐՍԷՍ
Յովհաննէս
դժբախտաբար
իրեն
հին
համակիրներն
ալ
կատարելապէս
գոհացնելու
ճարտարութիւնը
չունէր:
Տփղիսի
դատարկ
մնացած
առաջնորդութեան
ընտրելի
ցուցուցած
էր
Ստեփաննոս
Արղութեանը
եւ
Զաքարիա
Գուլասպեանը,
մինչ
աւելի
արժանաւորներ
եւ
հինաւուրց
եպիսկոպոսներ
կը
սպասէին
այդ
պաշտօնին:
Ընտրութիւնը
կայացած
էր
Արղութեանի
վրայ,
եւ
Զաքարիա
Երեւանի
փոխթեմակալ
անուանուեցաւ,
բայց
գոհ
չմնաց,
եւ
Հաղբատի
վանահայրութիւնը
ուզեց
եւ
առաւ,
բայց
շտապեց
Տփղիս
երթալ,
եւ
իր
ազդեցիկ
իշխան
Գրիգոր
Յովսէփեան
Բեհբութեանցը
ձեռք
առաւ,
Արղութեան
առաջնորդին
դէմ
դժուարութիւններ
յարուցանելու
մինչեւ
իսկ
անոր
առաջնորդութիւնը
չճանչնալու
աստիճան
(ԵՐՑ.
Բ.
142):
Զաքարիա
սկսաւ
պահանջել
որ
Ղազախ
եւ
Բօրշալու
Տփղիսէ
զատուելով
Հաղբատի
վիճակ
կազմեն.
այլ
Յովհաննէս
չհամարձակեցաւ
խնդրանքը
կատարել,
եւ
փոխարէն
Սաղիանու
վիճակը
առաջարկեց,
բայց
մինչեւ
որ
գործը
ելք
մը
ունենար,
Գուլասպեան
վախճանեցաւ
1835-ին,
եւ
յունիս
17-ին
Յովհաննէս
մխիթարական
գրեց
Բեհբութեանց,
բայց
յարաբերութիւննին
չքաղցրացաւ,
եւ
Արղութեան
դժուարութենէ
չազատեցաւ:
Արղութեանի
վրայ
վստահանալով
Յովհաննէս
ուզեց
անոր
ձեռքով
Աշտարակեցին
նեղել
հին
հաշիւներու
քննութիւն
բանալով,
Ներսէսեան
վարժարանի
անունը`
Վարժարան
Էջմիածնի
ի
Տփղիս
կոչելով,
եւ
մինչեւ
իսկ
շէնքը
վաճառելու
եւ
հոգաբարձութիւնները
ցրուելու
յանձնարարութիւն
ըրաւ,
որով
ընդ
միշտ
վերանայ
Ներսէսի
անունը
(ԵՐՑ.
Բ.
151):
Տճղիսեցի
բարեկամներ
Ներսէսը
կը
գրգռէին
հրապարակ
իջնել,
այլ
նա
հանդարտ
եւ
խոհեմ,
պէտք
եղած
խրատը
կը
գրէր
իրեններուն,
որ
չյուզուին,
զի
եղածները
իրեն
չէին
կրնար
վնասել,
եւ
Յոբի
հետ
կը
կրկնէր,
եթէ
զբարիսն
ընկալաք
ի
ձեռանէ
տեառն,
չարեացն
ո՞չ
համբերիցեմք
(ՅՈԲ.
Բ.
10):
Իսկ
իր
գործերու
մասին
կը
վստահեցնէր,
թէ
անոնք
պաշտպանելու
եւ
բացատրելու
միջոցներն
ունէր:
Բեսարաբիայի
մէջ
ալ
ոչ
նուազ
փառքի
եւ
պատիւի
մէջ
էր
շնորհիւ
Նովորոսիայի
կուսակալ
Միքայէլ
Վորոնցով
կոմսին,
որուն
հետ
հին
տարիներէ
լաւ
յարաբերութիւն
ունեցած
էր,
եւ
զինուորակից
եղած
էր
պարսկական
պատերազմներու
մէջ:
Ներսէս
մերթ
անոր
տեսութեան
կ՚երթար
Օտեսսա,
եւ
անոր
ընդարձակ
ագարակներու
շահագործման
դիւրութիւններ
կ՚ընծայէր,
եւ
35
տեսակ
խաղողի
ճիւղեր
բերել
տուած
էր
Երեւանէն:
Յովհաննէսի
աչքին
փուշ
էին
պարագաները,
բայց
չէր
համարձակեր
աւելի
յայտնի
հակառակութիւն
մղել
Ներսէսի
դէմ:
2508.
ԴԺԳՈՀՆԵՐՈՒ
ՇԱՐԺՈՒՄԸ
Վերջապէս
միաբանութեան
մէջ
տիրող
խուլ
շարժումը
համարձակեցաւ
ասպարէզ
գալ,
եւ
առաջին
քայլը
ընող
եղաւ
Արդուինցի
Գրիգոր
եպիսկոպոսը:
Սա
Գուլասպեանէ
ետքը
Երեւանի
փոխթեմակալ
նշանակուեցաւ,
բայց
տենդ
ստանալով
երկար
չմնաց:
Նորնախիջեւանի
նուիրակութիւնը
խնդրեց
բայց
Յովհաննէս
չհամարձակեցաւ
տալ
զի
Ներսէսի
վիճակ
էր:
Հրաման
ուզեց
բժշկելու
համար
Պիատիգորսկի
ջերմուկները
երթալ,
այլ
չտրուեցաւ
մի'
գուցէ
երթայ
Ներսէսի
միանալ,
ուստի
1833
մայիս
31
թուականով
կարեկցական
առազդեցութիւն
մը
գրեց
կաթողիկոսին:
Այս
գիրով
կը
յայտարարէ
որ
վանքին
եւ
աթոռին
մէջէն
բարեկարգութիւն
վերցուած
է,
եւ
ամէն
կողմէն
վանք
եւ
միաբանութիւն
կը
նախատուին,
եւ
միաբաններ
իրարու
դէմ
զիրար
կը
վիրաւորեն,
եւ
թէ
այս
պատճառով
էր
որ
հեռանալ
ուզեց:
Ուստի
կ՚առաջարկէ
կաթողիկոսին
որ
Դանիէլի
եւ
Եփրեմի
հաստատած
ուղղութեամբ
գործէ,
ինչ
որ
յաջորդներէ
եւ
նուիրակներէ
եւ
ուրիշներէ
կու
գայ
գիրի
առնուի,
եւ
Սինոդի
համաձայնութեամբ
գործուի,
մասնաւորներ
բան
մը
չիւրացնեն,
նոյնիսկ
կաթողիկոսին
ալ:
Յատկապէս
կը
խնդրէ
որ
հիւանդներ
խնամուին,
ամէն
միաբան
միատեսակ
հոգածութիւն
վայելէ,
իւրաքանչիւրը
կարգին
եւ
աստիճանին
համեմատ
պատւուի,
միաբանական
սեղանին
կագրադրութիւն
ըլլայ,
ժամարարներ
եւ
աւագերէցներ
անպակաս
ըլլան,
ուխտաւորներուն
ալ
հոգ
տարուի
առաջուայ
սովորութեան
համաձայն,
եւ
ամէն
կէտերու
վրայ
ալ
կաթողիկոսին
եւ
Սինոդին
բարեհաճութիւնը
տարածուի:
Ի
վերջոյ
կը
յայտարարէ
որ
եթէ
բարեկարգութիւն
ըլլայ,
պատրաստ
է
վանքին
մէջ
մնալ,
թէ
ոչ
կ՚ուզէ
հիւանդութեան
համար
Ատաբազար
երթալ,
ուր
մի
լաւ
բժիշկ
կայ.
կ՚ըսէ,
ակնարկելով
Միքայէլ
Րէստէն
Պատկանեանի:
Յովհաննէս
շարժումին
առջեւն
առնելու
միտքով
գրաւոր
պատասխան
տուաւ
թէ
ինքն
ուխտած
է
Դանիէլի
եւ
Եփրեմի
հաստատած
սինոդական
կանոններով
գործել.
բայց
գործերու
ընթացքին
մէջ
ոչ
մի
փոփոխութիւն
չըրաւ,
եւ
շարունակեցին
ինքնահաճ
որոշումներ,
համակիրներու
շնորհներ,
եւ
դրամէ
օգտուելու
միջոցներ:
Այս
պատճառով
ընդարձակուեցաւ
անբաւական
միաբաններու
շրջանակը,
մանաւանդ
նոյն
1833
տարւոյ
աշնանամուտին
ատենները,
երբ
Սիմէոն
Բզնունի
եպիսկոպոսն
ալ,
որ
Ներսէսի
օգնական
եւ
Նորնախիջեւանի
յաջորդ
էր,
Էջմիածին
դարձաւ,
եւ
դժգոհներ
անոր
շուրջը
բոլորուեցան:
Շարժումը
կանոնաւոր
վարելու
համար
իրենց
մէջէն
ութը
միաբաններու
յանձնաժողով
մը
ընտրեցին,
եւ
անոնց
յանձնեցին
պէտք
եղած
բերանացի
եւ
գրաւոր
դիմումներն
ընել:
Ընտրուած
ութը
եղան,
Սիմէոն
Բզնունի,
Գրիգոր
Արդուինցի
ու
Նիկողայոս
Տէր-Մարուգեան
եպիսկոպոսներ,
եւ
Յովհաննէս
Ղրիմեցի,
Գէորգ
Տաթեւացի,
Ստեփանոս
Արարատեան,
Յովհաննէս
Շահխաթունեան
ու
Մարտիրոս
Շահազիզեան
վարդապետներ:
Ասոնք
1833
նոյեմբեր
16-ին
կաթողիկոսին
ներկայացան
ընդարձակ
յիշատակագիրով
մը
(ԴԻՒ.
283):
2509.
ԴԺԳՈՀՆԵՐՈՒ
ՅԻՇԱՏԱԿԱԳԻՐԸ
Յառաջաբանին
մէջ
բարեկարգութեան
պէտքը
եւ
անոր
բացակայութիւնը
բացատրած
ատեննին
համարձակ
կը
յայտարարեն,
թէ
նոր
ընտրութեան
նպատակն
էր
հասարակաց
սպասած
բարիքը,
եւ
մանաւանդ
Էջմիածնի
վանաց
բազմատեսակ
գործերը
եւ
կարգադրութիւնները,
մինչ
ընդհակառակն
ընտրութիւնից
եւ
օծումից
յետոյ
հասարակաց
սպասած
բարիքներից,
գործերից
եւ
կարգադրութիւններից
մինչեւ
այսօր
էլ
ոչ
թէ
մի
բան
չառաջացաւ,
այլ
ընդհակառակը
յառաջ
եկան
բազմաթիւ
նորանոր
անկարգութիւններ:
Այդ
յայտարարութեան
վրայ
յառաջ
կը
բերեն
ութ
գլուխ
գլխաւոր
անկարգութիւններ
1.
Կաթողիկոսը
ցանկալով
կառավարել
անսահման
իշխանութեամբ,
եւ
գործել
ամենայն
ինչ
ըստ
անձնական
հաճոյից,
ոչնչացրել
է
սինոդական
կառավարութիւնը,
եւ
նոյնիսկ
օծման
օրը
փոխած
է
երդման
իսկական
ձեւը,
կրճատելով
այն
յօդուածները
որ
կը
վերաբերէին
սինոդական
կառավարութեան,
ինչպէս
կը
տեսնենք
երդման
ձեւին
մէջն
ալ
(ԴԻՒ.
Բ.
274):
2.
Օծման
օրէն
ի
վեր,
ոչ
մի
վնասակար
անկարգութիւն
չէ
ուղղած,
եւ
ոչ
մի
օգտակար
կարգուկանոն
չէ
սահմանած:
3.
Միշտ
ձգտում
ունեցած
է
անդուլ
ոսկի
եւ
արծաթ
դիզելով
բազմացնել
իւր
սեպհական
գոյքն
ու
գանձը,
եւ
հարստացնել
աշխարհական
ազգականներին
եւ
մօտիկ
ընտանեաց,
եւ
այդ
դիտմամբ
չէ
ուզած
ճիշդ
հաշիւ
տալ
օծումից
առաջ
եւ
յետոյ
ստացած
գումարներուն,
այլեւ
վանքի
գոյքից
օգտուած
է
իր
սեպհական
գանձին
համար:
4.
Աշխատած
է
նուաճել
եւ
ընկճել
Էջմիածնի
վանքի
ամբողջ
միաբանութիւնը,
եւ
այդ
նպատակով
բնաւ
հոգ
չէ
ունեցած
միաբանական
սեղանին,
հիւանդաց
խնամքին
եւ
աղքատ
միաբաններուն:
5.
Միայն
անձնական
շահերից
դրդուած,
աստիճաններ,
շնորհներ
եւ
պատիւներ
բաշխած
է
քահանաներու
եւ
աբեղաներու
եւ
վարդապետներու,
եւ
եպիսկոպոսութեան
բարձրացուցած
է
առանց
սինոդի
համաձայնութեան:
6.
Փոյթ
չէ
ունեցած
յայսկոյս
Կովկասու
գտնուած
վիճակներուն
կարգադրութեան,
մինչ
նշանաւոր
անկարգութիւններ
կը
տիրեն
կառավարութեան
եւ
ծիսակատարութեան
մէջ,
եւ
ոչ
իսկ
վիճակագրական
ցուցակներ
կը
պահուին:
7.
Չէ
ուզած
Եփրեմի
խրատին
եւ
խորհուրդին
դիմել,
թէպէտ
այս
հրամայուած
էր
կայսերական
հրովարտակով:
8.
Հակառակ
որ
նոր
ընտրութենէ
առաջ
որոշուած
էր,
եւ
ինքն
Յովհաննէս
ալ
ստորագրած
էր,
որ
նոր
ընտրեալը
հայրապետական
գահը
չնստի,
եւ
Եփրեմ
վեհարանի
մէջ
մնայ,
ինքն
անմիջապէս
գահ
բարձրացած
է,
եւ
Եփրեմը
ստորին
եւ
հասարակաց
խուցերում
բնակեցուցած:
Այդ
պարագային
կը
վերագրեն
Տաճկահայոց
դժկամութիւնը
Յովհաննէսի
անունը
յիշելու,
եւ
առաջ
կը
բերեն
Ղուկասի
բռնած
խոհական
ընթացքը
(§
2152):
Զանց
կընեն
ուրիշ
բաներ
եւ
իրենց
յայտնարարութիւնները
կ՚արդարացնեն
ըսելով,
թէ
ծածկած
վէրքերը
անբուժելի
են
մնում,
եւ
վրայ
կը
բերեն
անհրաժեշտ
նկատուած
դարմանները:
1.
Վերահաստատել
սինոդական
կառավարութիւնը
եւ
կայսերական
վաւերացմամբ
զօրացնել:
2.
Առանց
Սինոդի
համաձայնութեան
եպիսկոպոս
չձեռնադրել:
3.
Օծումէն
առաջ
եւ
յետոյ
ստացած
բոլոր
արդիւնքների
եւ
գումարների
հաշիւը
ներկայել:
4.
Տփղիս
դարձնել
այն
կինը
զոր
Տփղիսէ
բերած
է
միասին,
եւ
կը
խնամէ
իր
սարկաւագին
հօրը
տունը,
եւ
կնոջ
հետ
սարկաւագն
ալ
միաբանութենէ
հեռացնել:
Այդ
երեսէն,
կ՚ըսեն,
շատ
սաստիկ
մեծացաւ
աթոռի,
աթոռայինների,
կաթողիկոսութեան,
եւ
նոյնիսկ
Ձեր
սրբազնասուրբ
անձին
անարգանքն
ու
նախատինքը:
Կը
կիքեն
գէթ
երեք
օրուայ
ընթացքում
պատասխան
մը
ստանալ,
որ
ընելիքնին
գիտնան
(ԴԻՒ.
Բ.
283-294.
ԵՐՑ.
Բ.
168-175):
2510.
ՀԵՏԵՒՈՐԴ
ԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Պատմուած
չէ
թէ
յիշատակագիրը
ներկայացնող
ութեր
բերանացի
բացատրութիւններ
կամ
առաջարկներ
ալ
աւելցուցին,
բայց
կ՚երեւի
թէ
կաթողիկոսին
կողմէ
նկատառութեան
խոստումով
մեկնած
են:
Յովհաննէս
երկու
օր
անցուց,
եւ
նոյեմբեր
19-ին
գիշերանց
առանձին
իր
մօտ
հրաւիրեց
Արդուինցին:
Բայց
անժամանակ
եւ
առանձին
հրաւէրը
կասկած
արթնցուց
ութը
ընտրեալներուն
միտքը,
ուստի
կ՚որոշեն
միասին
ներկայանալ,
ինչ
որ
կը
զայրացնէ
Կարբեցին,
անոնց
միասին
գալը
յանդգնութիւն
որակելով:
Ութերը
առաջ
հանդարտօրէն
կը
պատասխանէն,
բայց
խօսքը
երկննալուն
ծանր
բացատրութիւններ
ալ
չեն
խնայեր,
մանաւանդ
Բզնունին,
եւ
այսպէս
կը
փակուի
գիշերային
տեսակցութիւնը:
Յաջորդ
օրը
նոյեմբեր
20-ին
Յովհաննէս
կոնդակ
մը
կ՚ուղղէ
ութերուն
անունին,
որով
կը
հրամայէ
երկու
երիցագոյններուն,
Բզնունիին
եւ
Արդուինցիին
յանձնել
բանակցութիւնները,
եւ
միւսներուն
կը
հրամայէ
որ
անոնց
միջոցով
յայտնեն
իրենց
ըսելիքները,
եւ
բոլորեքինքդ
միասին
անհամեստութեամբ
չհաւաքուիք
վեհարանը
առանց
հրաւիրման
մեզ
ներկայանալու
(ԴԻՒ.
Բ.
295
ԵՐՑ.
Բ.
176):
Ութերը
դարձեալ
միասին
կը
պատասխանեն
նոյեմբեր
21-ին,
թէ
իրենք
խմբովին
գործակիցներ
են,
թէ
ոմանց
հետ
բանակցութիւնը
հարկաւորութիւն
կամ
կարօտութիւն
չունի,
թէ
ինքը
կրնայ
գրով
իր
պատասխանը
յայտնել,
եւ
իրենք
ալ
կրնան
դարձեալ
գրով
կամ
բերնով
ուրիշ
ըսելիքնին
ներկայել,
եւ
բացարձակ
կը
մերժեն
անհամսեստութիւն
խօսքը,
թէ
իրենք
համեստաբար
ներկայացան
եւ
համեստաբար
լսեցին
իր
խօսքերը,
եւ
համեստութեամբ
դարձան
իրենց
տեղերը:
Կարբցին
կոնդակ
մը
եւս
կ՚ուղղէ
23-ին
Բզնունիին
եւ
Արդուինցիին
անունին
միաբանութեամբ,
ուր
կը
յայտնէ
թէ
ինքն
չէ
դադարեր
գործով
հանդիսացնել
աթոռին
բարեկարգութիւնը,
բայց
եթէ
աւելի
բան
մըն
ալ
կ՚ուզեն,
յիշեալ
երկուքը
միւս
սինոդականներու
հետ,
մի
քանի
միաբաններ
ալ
հրաւիրելով
օգտակար
կարծածնին
առաջարկեն
կարդալու
եւ
միանգամայն
հաւանութիւն
տալու:
Ութեր
25-ին
երրորդ
գրութիւն
մըն
ալ
կ՚ուղղեն
կաթողիկոսին,
թէ
իրենց
նախընթացները
կը
կրկնեն,
որոնց
կաթողիկոսը
չէ
ուզած
պարզ
կերպով
պատասխանել,
կամ
պարզ
հաճութիւնը
ցոյց
տալ,
եւ
կաւելացնեն
թէ
սա
կը
լինի
մեր
վերջին
գրութիւնը:
Պահ
մը
լռութիւն
կը
տիրէ
(ԴԻՒ.
Բ.
299),
մինչեւ
որ
Կարբեցին
դեկտեմբեր
7-ին
նոր
կոնդակ
մը
կ՚ուղղէ
լոկ
Բզնունիին
եւ
Արդուինցիին
անունին,
համաձայնութիւն
կը
յայտնէ
չորս
առաջարկներէն
առաջին
երեքին,
բայց
այն
կերպով
թէ
ինքն
հաշիւները
տուած
է,
միշտ
Սինոդին
հետ
գործած
է.
իսկ
Սինոդի
դրութիւնը
կայսերական
վճռով
հաստատելու
համար
կը
սպասէ,
որ
առաջ
կանոններու
ծրագիրը
պատրաստեն:
Ութերը
միայն
դեկտեմբեր
20-ին
պատասխանեցին
թէ
ծրագիրը
արդէն
պատրաստուած
է
Դանիէլի
եւ
Եփրեմի
ձեռքով,
եւ
իրեն
կը
մնայ
միայն
զայն
պետութեան
ներկայել
եւ
հաստատութիւնը
խնդրել
(ԴԻՒ.
Բ.
301):
Յովհաննէս
այլեւս
այդ
գրութեան
չպատասխանեց,
զի
գործին
ընթացքը
բոլորովին
նոր
կերպարան
առնել
սկսած
էր:
2511.
ՊԵՏԱԿԱՆ
ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԻՒՆ
Մինչեւ
այս
ատեններ
անցուդարձեր
կաթողիկոսի
եւ
միաբանութեան
շրջանակէն
դուրս
ելած
չէին,
եւ
երկու
կողմերն
ալ
կը
զգուշանային
եղելութիւնները
կառավարութեան
հաղորդել:
Բայց
Բեհբութեան
նահանգապետը,
որ
պահ
մը
Երեւանէ
բացակայ
էր,
դառնալուն
լուրը
կ՚առնէր,
եւ
դեկտեմբեր
13-ին
կառավարչապետ
Ռօզէնի
կը
հաղորդէր:
Շարժումին
գլուխ
կը
ցուցներ
Բզնունին,
իսկ
գրագրութեանց
հեղինակ
Ղրիմեցին,
եւ
ընդունելով
ալ
որ
վարդապետներ
գուցէ
արդարացի
են
բողոքում
կաթողիկոսի
արարքներու
դէմ,
հարկ
կը
տեսնէ
պաշտպանել
տէրութենէն
ճանչցուած
կաթողիկոսը
(ԵՐՑ.
Բ.
185):
Ռօզէն
1834
յունուար
18-ին
տեղեկութիւններ
խնդրեց
Յովհաննէսէ,
եւ
դրամ
տանելու
պատրուակով
Էջմիածին
յղեց
ռուսազգի
բայց
հայերէնագէտ
Եաղիկով
սպան,
որ
ծածկաբար
գործին
ներքինը
իմանայ:
Սա
Յովհաննէսի
պատասխանով
դարձաւ
Տփղիս
փետրուար
7-ին
եւ
լուր
բերաւ
թէ
ութերէն
երեքը,
Գրիգոր
Արդուինցի
եպիսկոպոս
եւ
Ստեփանոս
Արարատեան
եւ
Յովհաննէս
Շահխաթունեան
վարդապետներ,
որ
սինոդական
ըլլալով
կամովին
հեռացած
էին,
ներողութիւն
խնդրած
եւ
նորէն
սինոդին
մասնակցած
են:
Յիշեց
նաեւ
Գէորգ
սարկաւագի
եւ
Տփղիսեցի
կնոջ
եւ
ընտրութեան
կերպին
վրայօք
խօսուածները,
աւելցուց
Բօրչալուի
Ուզուլար
կամ
Սանահնի
ձորէն
մասունք
բերուած
ըլլալը
Բզնունիի
հրամանով
առանց
կաթողիկոսի
գիտութեան,
յայտնեց
եւս
Եփրեմի
կողմէն
խաղաղութիւն
հաստատելու
համար
տրուած
խոստումը,
եւ
թէ
իր
մեկնելուն
խաղաղութիւն
կը
տիրէր
Էջմիածնի
մէջ,
բայց
եւ
զրոյց
կը
պտտէր
Ներսէսի
Էջմիածին
վերադառնալուն
մասին:
Ռօզէն
բոլոր
գիրերը
եւ
լուրերը
հաղորդեց
Բլուտովի`
փետրուար
14-ին,
իր
կողմէն
Ներսէսը
մատնանշելով
իբր
շարժումին
գրգռիչ,
չծածկելով
թէ
Հայոց
մեծամասնութիւնը
եւ
ամենանշանաւոր
դասակարգը
Ներսէսի
համակիր
է,
եւ
Յովհաննէսէ
անբաւական,
բայց
թէ
Յովհաննէսը,
չնայելով
նորան
վերագրուող
պախարակելի
գործերին,
որոնցից
գլխաւորը
շահասիրութիւնն
է,
աւելի
օգտաւէտ
կարող
է
լինել
տէրութեան
նպատակներին.
ուստի
շեշտելով
կը
հետեւցնէր
Ներսէսը
Կովկասէ
հեռու
պահել:
Բլուտով
ալ
իր
մարտ
12-ի
պատասխանին
մէջ
կը
կարծէ
թէ
Ներսէսի
մասին
զրոյցը,
ոչ
թէ
Ներսէսէն
այլ
անոր
կուսակիցներէն
ծագում
առած
կ՚ըլլայ,
թէ
Յովհաննէսի
արարմունքները
տեղի
են
տուել
պատահած
անկարգութեանց,
եւ
թէ
պէտք
է
անոր
զգացնել
որ
աւելի
կանոնաւոր,
եւ
իւր
ստանձնած
վսեմ
պաշտօնին
վայել
ընթանայ
եւ
հեռու
կենայ
շահասիրութիւնից
(ԵՐՑ.
Բ.
199):
2512.
ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԵԱՆ
ՊԱՀԱՆՋ
Ռօզէն
ուզած
էր
ութերու
տուած
յիշատակագիրը
ունենալ,
բայց
Յովհաննէս
չէր
տուած,
որով
պետական
անձերու
հետաքրքրութիւնը
աւելի
գրգռուած
էր,
թէ
անոր
մէջ
այնպիսի
կէտեր
կան,
որ
Յովհաննէս
կը
քաշուի
մէջտեղ
հանել:
Բայց
ինչ
որ
Յովհաննէս
կը
ծածկէր,
բողոքողներ
իրենք
յղեցին
Ռօզէնի
1834
մարտ
20-ին,
ընդարձակ
նամակի
մը
հետ,
որուն
մէջ
պատմած
են
բոլոր
մանրամասնութիւնները
(ԴԻՒ.
Բ.
304,
ԵՐՑ,
Բ.
198-202),
որով
յատուկ
քննիչ
ալ
կը
խնդրեն
իրողութիւնները
ստուգլու
համար:
Եւ
երբոր
պատասխանը
կ՚ուշանար,
ապրիլ
26-ին
նոր
նամակով
խնդիրնին
կը
կրկնէին
(ԴԻՒ.
Բ.
309,
ԵՐՑ.
Բ.
203-304):
Բայց
Ռօզէն
ընթացք
չէր
տար
խնդրանքին
պետական
տեսակէտէն
տէրութեան
ճանչցած
եւ
պաշտպանած
անձը
վտանգի
չենթարկելու
համար,
եւ
մայիս
8-ի
մասնաւոր
գրութեամբ
նոյն
ինքն
Յովհաննէսի
կը
դիմէր
եւ
յիշատակագիրին
գլուխները
յառաջ
բերելով
անոնց
բացատրութիւնը
կը
խնդրէր,
եւ
Յովհաննէս
ալ
մայիս
22-ին,
բաւական
երկար
գրութեամբ
մը,
իբր
թէ
պահանջուած
բացատրութիւնները
կու
տար
(ԵՐՑ.
Բ.
208-212):
Յովհաննէսի
բացատրութիւնները
պարզ
ուրացութիւններ
են
իրեն
վերագրուած
մեղադրանքներուն,
իր
յայտարարութեանց
վրայ
հիմնուած,
թէ
ինքն
այն
ըսուածներէն
եւ
ոչ
մէկը
չէ
ըրած,
այլ
ընդհակառակն
բոլոր
օրինական
պահանջները
կատարած
է:
Իրեն
դէմ
հակառակութիւնն
ալ
կը
վերագրէ,
Բզնունիի`
առ
Ներսէս
արքեպիսկոպոս
ունեցած
կոյր
անձնուիրութեան,
Տէր
Մարուգեանի
որ
իր
ազգականն
էր`
Բզնուիի
աշակերտ
ըլլալուն,
Ղրիմեցիի`
Սինոդէ
հանուելուն,
Տաթեւացիին`
եպիսկոպոս
չձեռնադրուելուն,
Շահխաթունեանի`
դիւանատանց
մէջ
ազատ
չթողնելուն,
Շահազիզեանի`
իրեն
պաշտօն
չտրուելուն,
լռելով
որ
Ներսէսի
ազգականն
էր.
միայն
Արդուինցիին
մասին
բան
չէ
ըսուած:
Իսկ
Տփղիսեցի
կնոջ
իր
գործածը
կը
վերագրէ
մարդասիրաբար
ողորմելու
զգացման,
ինչպէս
Քրիստոս
Քանանուհւոյն,
աշխատելով
բարւոքել
անոր
դրութիւնը
միմիայն
ի
փառս
Աստուծոյ:
Սակայն
իրողութիւնը
շատ
տարբեր
էր
թէ
այս
կնոջ,
եւ
թէ
Աշտարակեցի
Գէորգ
սարկաւագի
մասին,
անոնց
կենցաղը,
անոնք
անբաժան
մէկտեղ
պտտցնելը,
անոնց
հետ
յարաբերութիւնները,
անոնց
եւ
անոնց
պարագաներուն
համար
ծախքերը,
այնչափ
ակներեւ
էին,
որ
հանրութեան
բերանը
ինկեր
էին,
եւ
ինքն
ալ
անոնք
պահ
մը
Աշտարակ
յղած
էր:
Բայց
հազիւ
ամբաստանողները
լռեցին
Եփրեմի
ջանքով,
անմիջապէս
ետ
բերելը
եւ
Գէորգի
1834
մարտ
24-ին
(ԵՐՑ.
Բ.
213)
յանկարծ
դասին
մէջ
պաշտօն
վարելու
երեւնալը
նոր
գրգռութիւններ
զարթուցին,
եւ
Բզնունին
համարձակեցաւ
ուրարը
խլելով
Գէորգը
դասէն
վտարել,
եւ
հակառակութիւններ
նորէն
գլուխ
տուին
(ԵՐՑ.
Բ.
207):
Այդ
միջադէպէն
ետքն
էր
որ
Յովհաննէս
իր
բացատրութիւնները
կը
գրէր,
եւ
Արդուինցիին
միայն
կը
խնայէր:
Ռօզէն
ստանալով
Յովհաննէսի
գրութիւնը,
նահանգապետ
Բեհբութեանի
տեղեկագիրը,
եւ
պատուիրակ
Եազիկով
հաղորդած
ծանօթութիւնները,
հարկ
կը
տեսնայ
խիստ
միջոցներ
թելադրել
Յովհաննէսի,
եւ
ընդունելով
ալ
թէ
Յովհաննէս
կաթողիկոսն
ամենեւին
ազատ
չեմ
համարում
նորան
վերագրել
մեղադրութիւններից,
որոնցից
գլխաւորն
է
շահասիրութիւնը,
կը
պնդէ
թէ
Յովհաննէս
կաթողիկոսական
աստիճանի
մէջ
աւելի
կարող
է
մեզ
պիտանի
լինել,
քան
թէ
ուրիշ
ոք
(ԵՐՑ.
Բ.
223):
Ուստի
կ՚եզրակացնէ,
նախ
ամբաստանողները
հեռացնել,
յետոյ
շփոթները
հանդարտեցնել,
եւ
ի
վերջոյ
մի
կարգուկանոն
սահմանել
(ԵՐՑ.
Բ.
218):
Բլուտով
նախարարն
ալ,
որուն
ուղղած
էր
Ռօզէն
իր
երկար
տեղեկագիրը,
հարկ
կը
տեսնէ
Անդրկովկասի
Հայոց
եկեղեցւոյ
կառավարութեան
համար
մի
հաստատուն
կանոնադրութիւն
ունենալ,
եւ
ստացած
տեղեկութիւնները
կը
խոստանայ
ներկայել
այն
յանձնաժողովին,
որ
հաստատած
է
այդ
Պօլօժէնիէի
նախագծի
քննութեան
համար
(ԵՐՑ.
Բ.
227):
2513.
ԽՆԴԻՐԻ
ՓԱԿՈՒՄԸ
Ամբաստանողներու
մասին
ձեռք
առնուելիք
միջոցներուն
գալով,
Յովհաննէս
ութէն
չորսը
իբրեւ
շահուելու
պատրաստներ
կը
նկատէր,
եւ
միւս
չորսերուն
համար
առաջարկած
էր,
Բզնունին
Սաղիան
աքսորել,
Տէր
Մարուգեանը
եւ
Ղրիմեցին`
Սեւան
իսկ
Շահազիզեանը`
Ներսէսի
եղբորորդին
Էջմիածնի
մէջ
բանտարկել
(ԵՐՑ.
Բ.
200):
Ասոր
վրայ
այս
չորսերը
Տփղիս
ուզուեցան,
եւ
գացին,
ուսկից
1834
ամառուան
մէջ
ոստիկանական
հսկողութեամբ
Տէր-Մարուգեան
եւ
Ղրիմեցին
ղրկուեցան
Սեւան,
եւ
Բզնունին
ու
Շահազիզեանը
Սաղիան
(ԵՐՑ.
Բ.
227),
զի
Ռօզէն
պատշաճ
չտեսաւ
վերջինին
Էջմնածնի
մէջ
բանտարկուիլը
(ԵՐՑ.
Բ.
222):
Իսկ
Յովհաննէս,
Բզնունիին
վիճակը
աւելի
եւս
անտանելի
ընելու
համար,
Սաղիանու
վանահայր
նշանակեց
Պետրոս
վարդապետ
Պայծառեանը,
մի
մանուկ
աբեղայ,
ամէն
խստութիւն
գործածելու
հրահանգով:
Սեւան
աքսորուածները
ինը
ամիսէ
Էջմիածին
դարձան
եւ
1835
ապրիլ
7-ին
Զատկի
կիրակին
եւ
Աւետման
տօնի
օրը
Ղրիմեցին
հանդիսապէս
ալ
կաթողիկոսէն
թողութիւն
ստացաւ,
բայց
ամիսը
չվերջացած
նորէն
գանգատագիր
պատրաստեց
Յովհաննէսի
դէմ
եւ
ուղղակի
նախարար
Բլուտովի
ուղղեց,
որ
յուլիս
25-ին
գիրը
Ռօզէնի
դարձուց
յանձնարարելով
Ղրիմեցին
Տփղիս
բերել,
առանձինն
լսել
եւ
հոն
պահել:
Ռօզէն
ուշացուց
գործադրութիւնը
մինչեւ
որ
Յովհաննէս
հոկտեմբերին
հրաւէրով
Տփղիս
եկած
ատեն
Ղրիմեցին
միասին
բերաւ,
եւ
չուզեց
զայն
Տփղիս
թողուլ
անվնաս
գտնելով
նորա
Էջմիածին
մնալը,
մանաւանդ
թէ
օգտակար
իսկ
հմտութեամբը
եւ
կարողութեամբը:
Այսպէս
շարունակեց
Ղրիմեցին,
մինչեւ
որ
1841-ին
եպիսկոպոս
ալ
ձեռնադրուեցաւ:
Իսկ
Տէր-Մարուգեան
թէպէտ
Էջմիածին
դարձաւ,
բայց
այլեւս
պաշտօնի
չկոչուեցաւ
Կարբեցիին
կողմէն,
չնայելով
որ
իր
ազգականն
ալ
էր:
Սաղիան
աքսորուածներուն
երբ
աքսորէ
ազատած
ըլլալնին
ճշդիւ
յայտնի
չէ,
թէպէտ
երկարատեւ
եղած
ըլլալը
կը
գիտցուի
(ԵՐՑ.
Բ.
228):
Բզնունին
Էջմիածին
դառնալէն
ետքն
ալ
անպաշտօն
մնաց
Կարբեցիի
օրով,
իսկ
Շահազիզեան
Ներսէսի
ազգական
լինելուն
համար
այլեւս
ոչ
պաշտօն
ստացաւ
եւ
ոչ
աստիճան:
Իսկ
ութերէն
միւս
չորսերը
շուտով
շահուեցան
Կարբեցիէն
շնորհքներով
եւ
խոստումներով,
երեք
սինոդականները,
Արդուինցին
եւ
Արարատեան
եւ
Շահխաթունեան
իրենց
պաշտօնը
պահեցին,
Տաթեւացին
եւ
Արարատեան
նոյն
1835
տարւոյ
յունիս
17-ին
եպիսկոպոս
ձեռնադրուեցան
(ԵՐՑ.
Բ.
240),
միայն
Շահխաթունեանի
եպիսկոպոսութիւնը,
մինչեւ
1841
ուշացաւ
Ղրիմեցիին
հետ:
Այսպէս
փակուեցաւ
ութերու
կոչուած
Էջմիածնի
միաբանական
շարժումը,
թէպէտ
ութերը
ներկայացուցիչ
էին
միաբանական
մեծամասնութեան,
բայց
որովհետեւ
ամէնքը
գործի
չխառնուեցան,
ութերը
միայն
հրապարակի
վրայ
երեւցան,
եւ
վատն
ու
լաւը
իրենք
կրեցին:
Բողոքողները
անիրաւ
եւ
զրպարտիչ
չէին
իրենց
ամբաստանութիւններով,
ինչպէս
պետական
անձերն
ալ
հաստատեցին,
բայց
Կարբեցին
իրեն
հաճոյակատար
եւ
տկար
ընթացքովը
պետական
շրջանակէն
օգտակար
դատուած
էր,
եւ
անոր
պաշտպանութեամբը
իր
դիրքը
պահեց,
բայց
չենք
կարծեր
թէ
օգտուեցաւ
ալ:
Միայն
թէ
հետեւանքը
աւելի
աղիտաբեր
եղած
պիտի
ըլլար,
եթէ
բողոքողները
ասպարէզ
գտնէին,
եւ
կաթողիկոսական
տագնապի
առիթ
տրուէր:
Բողոքողները
իրենց
շարժումով
ու
դիմումներով
առիթ
ընծայեցին
Պօլօժէնիէի
փութացուցման,
գուցէ
պատճառ
ալ
տուին
պետական
միջամտութեան
կէտերը
աւելի
ընդարձակելու
նոյն
կանոնադրութեան
մէջ,
իբրեւ
միջոց
ներքին
շարժումները
արգիլելու:
2514.
ԵՓՐԵՄԻ
ՄԱՀԸ
Կարգը
կու
գայ
Պօլօժէնիէի
կազմութեան
եւ
պարունակութեան
մասին
գրել,
բայց
այդ
գլուխին
չանցած
պիտի
յիշատակենք
մահը
հրաժարեալ
կաթողիկոս
Եփրեմի,
կամ
երիցագոյն
սրբազնասուրբ
կաթողիկոսի,
ինչպէս
կը
կոչէին
բողոքողները
(ԵՐՑ.
Բ.
200)
կամ
ծերունի
կաթողիկոսի
մեր
հօր,
ինչպէս
կը
գրէր
Յովհաննէս:
Եփրեմ
ծնած
էր
1748-ին
ըստ
սովորական
աւանդութեան
(§
2258)
կամ
1750-ին
տապանագիրին
համեմատ,
որով
85
կամ
87
տարեկան
վախճանեցաւ
1853
յուլիս
16-ին,
Վարդավառի
երեքշաբթի
օրը,
երեկոյին
դէմ:
Մեծահանդէս
թաղում
կատարուեցաւ
վաղայաջորդ
հինգշաբթի
օրը,
յուլիս
18-ին,
եւ
թաղուեցաւ
Ս.
Գայիանէի
մօտ
միաբանական
գերեզմանատան
մէջտեղը
ըստ
յանձնարարութեան
իւրոյ,
որուն
վրայ
բարձրկեկ
բայց
համեստ
տապանաքար
դրուած
է,
համեստ
արձանագրութեամբ
մըն
ալ,
որուն
մէջ
սակայն
շատ
արդար
եւ
իրաւացի
առաքինութեամբ
սրբասնեալ
հայրապետ
կոչումը
(ՇԱՀ.
Ա,
236):
Առաքինութեան
եւ
սրբութեան
ձիրքերը
Եփրեմի
առաւելութիւններն
եղան
կենդանութեան
ատեն,
եւ
մահուանէ
ետքն
ալ
իբր
սուրբ
պատուուեցաւ
հանրութենէն,
եւ
մինչեւ
այսօր
իր
գերեզմանը
ուխտատեղի
է
բարեպաշտ
ժողովուրդին:
Եփրեմի
կեանքն
ու
վարքը,
բնաւորութիւնն
ու
գործունէութիւնը,
լիովին
պատկերացուցած
ենք
անդստին
առաջին
անգամ
հրապարակի
վրայ
երեւնալէն
սկսելով
(§
2258),
եւ
միշտ
տեսած
ենք
զինքն
արդարութեան
եւ
հանրային
բարւոյն
հետեւող,
ժիր
ու
գործունեայ,
արթուն
եւ
հնարամիտ,
բայց
երբեք
անձնասիրութեան
եւ
շահասիրութեան
չծառայած:
Կաթողիկոսութենէ
առաջ
ունեցած
ժրութիւնը,
կաթողիկոսութեան
մէջ
տկարացած
յիշեցինք
(§
2332),
որ
գուցէ
բնական
տկարութեան
ալ
հետեւանք
էր,
եւ
պահ
մը
Ներսէսի
վրայ
կասկածն
ալ,
ամէն
կողմէ
յաճախած
ձախող
լրաբերութեանց
եւ
թելադրութեանց
հետեւանք
ցուցուցինք:
Այսուհանդերձ
սիրտով
երբեք
անկէ
չբաժնուեցաւ,
զի
զայն
Սինոդէ
Տփղիս
փոխադրելը`
բրաձրացնել
էր
եւ
ոչ
ստորնացնել,
մինչեւ
իսկ
Կարբեցիին
նախանձը
շարժելու
եւ
նմանելու
չափ
(§
2464):
Եւ
եթէ
փոքր
ինչ
կասկած
կար,
լիովին
փարատեցաւ
Եփրեմի
Շուչի
անցնելէն
ետքը,
այնպէս
որ
իր
հաստատուն
բաղձանքն
եղաւ
Ներսէսի
փոխանցել
կաթողիկոսութիւնը,
եւ
նոյն
զգացման
վրայ
մնաց
մինչեւ
վերջին
վայրկեանները,
միշտ
ա~խ
Ներսէս
հառաչելով
(ԵՐՑ.
Բ.
238):
Հրաժարելէն
ետքը
անցուցած
հինգ
տարիները
շարունակութիւն
եղան
Եփրեմի
առաջին
կեանքին,
որչափ
եւ
ներքին
առողջութեամբ
բաւականաչափ
կազդուրուեց,
սակայն
աչք
եւ
ականջ,
ոտքեր
եւ
ծունկեր
չէին
գործեր,
եւ
գրեթէ
միշտ
անկողինի
մէջ
կ՚անցունէր,
միայն
թէ
յիշողութիւնը
եւ
դատողութիւնը
կատարեալ
էին,
եւ
լաւ
կը
հետեւէր
բոլոր
անցուդարձերուն:
Կատարուած
իրողութեանց
համակերպող,
նոյն
սկզբունքին
կը
յորդորէր
բողոքողներն
ալ,
որոնք
եթէ
պահ
մը
կ՚անսային
ու
կը
լռէին,
սակայն
կրկին
կը
յուզուէին
երբ
կը
տեսնէին
զայն
վեհարանէ
արտաքսուած,
գործերէ
հեռու
պահուած,
եւ
Յովհաննէսէ
անտեսուած,
որչափ
ալ
կայսերական
հրովարտակը
եւ
պետական
պաշտօեաները
հրամայած
ու
թելադրած
էին
իրեն
Եփրեմի
խրատով
ու
խորհուրդով
գործել:
Միայն
երբոր
նեղի
կը
մտնէր
զայն
միջնորդ
կը
բռնէր
կառավարութեան
եւ
միաբանութեան
առջեւ
իր
կամքը
քալեցնելու,
եւ
բարեսէր
ծերունին
չէր
զլանար
խնդրանքը
կատարել,
միշտ
հանրային
օգուտէն
եւ
խաղաղութեան
նպատակէն
յորդորուած:
Յովհաննէս
երբեք
չկրցաւ
վստահիլ
Եփրեմի
վրայ,
զոր
Ներսէսի
անպայման
համակիր
էր
ճանչցած,
որչափ
ալ
Եփրեմ
անձնականը
հանրայինին
զոհելու
առաքինութիւնը
լիովին
փայլեցուց:
Յովհաննէս
յուլիս
27-ի
յատուկ
կոնդակով
Ներսէսի
հաղորդեց
Եփրեմի
մահը,
պատուական
գլուխ
ձեր
ողջ
եղիցի
եւ
յաւելցէ
ձեզ
տէր
կեանս
բարերջանիկս
մաղթանքով
(ՄՍՐ.
150),
այլ
պակաս
չեղան
կարծողներ,
թէ
այս
խօսքով
կ՚ուզէր
հասկըցնել,
թէ
այլեւս
չկայ
քո
պաշտպան
եւ
ցանկացող
Եփրեմը.
սակայն
աւելի
Ներսէս
էր
եղած
Եփրեմի
պաշտպանը,
քան
թէ
Եփրեմը
Ներսէսին,
եւ
Ներսէս
լաւ
գիտէր
որ
Եփրեմի
բաղձանքն
ալ
արդիւքն
ունեցած
չէր
եւ
ունենալիք
ալ
չունէր
(ԵՐՑ.
Բ.
239):
Արդէն
Ներսէս
ալ
65
տարեկան
եղած
էր,
եւ
իր
շրջանակին
զորունեութեամբը
կը
զբաղէր,
եւ
ինչպէս
նախարարն
ալ
նախատեսած
էր,
Ներսէսի
համակիրներն
էին
անոր
անունը
մէջտեղ
նետողներ,
եւ
ոչ
թէ
ինքն
Ներսէսը
(§
2511),
որ
ծերութեան
տկարութիւններն
ալ
սկսած
էր
զգալ,
եւ
նոյնիսկ
Եփրեմի
մահուան
օրը,
1835
յուլիս
16-ին
գրած
մէկ
նամակին
մէջ,
աչքերուն
ցաւած
եւ
տկարացած
ըլլալէն
կը
գանգատէր,
եւ
ստիպեալ
ի
հարկէ
միով
ձախոյ
աչօք
գրեմ
կ՚ըսէր
(ԵՐՑ.
Բ.
240):
2515.
ԿԱՆՈՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ
ՊԷՏՔԸ
Պօլօժէնիէի
կազմութեան
գալով,
դիտել
պիտի
տանք,
թէ
անոր
մէջ
երկու
գլխաւոր
կէտեր
կան
նկատողութեան
արժանի.
առաջինն
է
կաթողիկոսական
բացարձակ
իշխանութեան,
խորհրդարանի
կամ
խորհրդականաց
ձեռքով
սահմանափակուիլը,
եւ
երկրորդը
հայրապետական
հոգեւոր
իշխանութեան
Ռուսիոյ
քաղաքական
իշխանութեան
հետ
ունենալիք
յարաբերութիւնը:
Առաջին
կէտին
մասին
գաղափարը
նոր
չէր,
Զաքարիա
պատրիարքի
եւ
Ղուկաս
կաթողիկոսի
միջեւ
յուզուած
խնդիրին
ատեն,
այդ
գաղափարը
առաջին
անգամ
ծագեցաւ
(§
2151),
եւ
հետզհետէ
ընդարձակուեցաւ,
Դանիէլ
կաթողիկոսէ
օրինական
ձեւ
ստացաւ
(§
2286),
եւ
յետոյ
պաշտօնապէս
հաստատուեցաւ
(§
2294),
եւ
Եփրեմէ
ալ
վաւերացուեցաւ
(§
2331):
Հետեւաբար
արդէն
ծանօթ
բան
մըն
էր
այդ
կէտը,
եւ
միայն
Յովհաննէսի
կողմէ
ցուցուած
թուլութիւնն
ու
երկդիմի
ընթացքը,
եւ
նոյնիսկ
իր
ուխտին
մէջ
լռելը
(§
2509),
առիթ
տուած
էին
բողոքներու
եւ
պահանջներու,
որոնք
տեղի
չէին
ունենար,
եթէ
Յովհաննէս
բացարձակ
իշխանութիւնը
նորոգելու
եւ
անկէ
օգտուելու
ուղղութեան
հետեւած
չըլլար:
Ինչ
որ
պատմութեանս
կարգին
յիշած
ենք,
այդ
կէտին
մասին
բաւական
կը
սեպենք,
եւ
մտադրութիւննիս
երկրորդ
կէտին
կը
դարձնենք:
Էջմիածինէ
քանիցս
անգամ
դիմում
եղած
էր
ռուսական
պետութեան,
որպէսզի
սինոդական
դրութիւնը
կայսերական
հաստատութեամբ
վաւերացուի,
եւ
կանոնական
ծրագիրներն
ալ
ներկայացուած
էին,
բայց
այն
ատեն
կառավարական
ատեանը
դիտած
էր,
թէ
Էջմիածնի
վարչութեան
գործերում
Ռուսիան
իրաւունք
չունի
խառնուելու,
քանի
որ
Արարատեան
աթոռը
իւր
սահմանից
դուրս
է
(ԵՐՑ.
Բ.
288):
Բայց
խնդիրը
փոխուեցաւ
երբոր
Էջմիածին
ռուսական
տիապետութեան
ներքեւ
մտաւ:
Մէկէ
աւելի
տեսակետնէր
կայսրութիւնը
կը
շահագրգռէին
Հայոց
կաթողիկոսութեան
ընթացքը
գիտնալ
եւ
անոր
մէջ
պետական
տեսակէտը
ապահովել:
Արդէն
որթոտոքս
եկեղեցւոյն
սկզբունքն
է
եկեղեցական
իշխանութիւնը
պետական
իշխանութեան
ենթարկեալ
նկատել,
եւ
կրօնական
ու
քաղաքական
յարաբերութեանց
գերագոյն
վարիչ
պետութիւնը
ճանչնալ.
բնական
էր
որ
նոր
եկեղեցական
իշխանութեան
մը
իր
սահմաններուն
մէջ
մտած
ատեն,
անոր
վրայ
ալ
տարածել
ուզէր
իր
սկզբունքը:
Բայց
եթէ
ազդեցութիւն
ալ
գործածել
չուզէր,
պէտք
էր
գիտնալ
թէ
ինչ
կանոններով
կը
կառավարուի
այդ
եկեղեցին:
Ասոր
հակառակ
կաթողիկոսարանը
առձեռն
կանոնագիր
մը
չունէր
ներկայելու,
որով
եւ
վրան
պնդելու
հիմ
ալ
չունէր:
Կանոնագիրք
մը
կար
անդստին
Օձնեցիին
ժամանակէն
կազմուած
(§
567),
բայց
հաւաքածոյ
մըն
էր
զանազան
կանոններու,
որոնց
մէջ
վարչականները
կատարեալ
չեն,
եւ
ամօթ
չսեպուի
խոստովանիլ,
թէ
գուցէ
Մայրաթոռն
ալ
այն
ատեն
զայն
իր
ձեռքին
տակ
չէր
պահեր
եւ
անով
չէր
գործեր,
զի
խառնաշփոթ
ժամանակներ
ամէն
կարգուկանոն
խանգարած
էին,
ու
կաթողիկոսներու
եւ
իշխաններու
եւ
եպիսկոպոսներու
կամայական
գործեր
ասպարէզ
գտած
էին:
Ասոր
հետեւանքն
էր
որ
հազիւ
թէ
կարգուկանոնի
գաղափարը
զօրացաւ,
տարակարծիք
ուղղութիւններու
վէճերն
ալ
միասին
զօրացան,
ընտրութեանց
վաւերականութեան
պայմաններ,
իրաւասութեանց
սահմաններ,
յարաբերութեանց
պահանջներ,
շարունակ
խնդիրներու
առիթ
տուին,
եւ
հիմնական
կանոնի
մը
պակասութեամբ
անլուծանելի
մնացին:
Նախընթաց
գործերը
զանց
ընելով,
կաթողիկոսի
եւ
միաբանութեան
ներկայացուցիչներու
միջեւ
յուզուած
վէճը
մինչեւ
պետութեան
ատեան
ելաւ,
պետութիւնը
չէր
գիտեր
ինչ
հիմնակէտով
կարծիք
յայտնել
եւ
վճիռ
արձակել,
եւ
ստիպեալ
պէտք
կը
տեսնար
մի
հաստատուն
կանոնադրութիւն
ունենալ
(§
2512):
2516.
ԱՌԱՋԻՆ
ՀԵՏԱԶՕՏՈՒԹԻՒՆՔ
Բայց
նոր
չէր
որ
պէտք
կը
զգացուէր:
Երեւան
եւ
Էջմիածին
գրաւուած
էին
1827
հոկտեմբեր1-ին
եւ
1828
նոյեմբեր
16-ին
Պասքեւիչ
այդ
պէտքը
կը
յայտնէր,
եւ
1829
դեկտեմբեր
26-ին
յատուկ
յանձնաժողով
մը
կը
կազմէր
ծրագիր
պատրաստելու
(§
2465),
յանձնաժողովի
ծրագիրն
ալ
1830
մարտ
11-ին
կազմուելով,
20-ին
նախարարութեան
կը
յղուէր
(§
2466),
եւ
միեւնոյն
օրը
ծրագիր
մըն
ալ
Էջմիածինէ
կը
ղրկուէր
Ղրիմեցի
վարդապետէ
խմբագրուած,
հարկաւ
ոչ
առանց
Սինոդի
գիտակցութեան
(§
2467):
Սակայն
յանձնաժողովը
միայն
չէր
այդ
աշխատութեան
հետեւողը,
նախարարութիւնն
ալ
լուրջ
ուսումնասիրութեանց
ետեւէ
էր,
փափաքելով
այնպիսի
կանոնագիր
մը
կազմել,
որ
համաձայն
ըլլայ
Հայ
եկեղեցւոյ
նախկին
կանոնաց
եւ
աւանդութեանց,
չստորնացնէ
անոր
յարգն
ու
պատիւը,
բայց
եւ
որոշէ
կաթողիկոսի
եւ
Սինոդի
եւ
վիճակաւորաց
իրաւունքները,
եւ
պարունակէ
կրթութեան
եւ
հաշուապահութեան
եւ
եկեղեցականաց
չքաւորութենէ
եւ
անվայել
ժողովարարութիւններէ
ազատման
պահանջերը
(ԵՐՑ.
Բ.
297):
Բլուտով
1835
դեկտեմբերին
կը
գրէր
Պասքեւիչի,
այժմ
մենք
երկուսս
միասին
պարապում
ենք
տեղեկութիւնները
ժողովելով
եւ
կարգի
գցելով,
եւ
իրոք
ալ
1829
մարտ
16-ին
անոր
կը
յղէր
(ԵՐՑ.
Բ.
299)
ընդարձակ
գրուած
մը,
որ
կը
պարունակէր
Հայոց
եկեղեցւոյ
մասին
պատմական
տեսութիւն
մը
քանի
մը
ուրիշ
տեղեկութիւններով,
եւ
հարցումներու
ցուցակ
մը
(ԵՐՑ.
Բ.
301):
Պատմական
տեսութիւնը
(ԵՐՑ.
Բ.
302-311)
ակնարկ
մը
ունի
Հայ
կանոնագիրքին
վրայ,
առանց
զայն
տեսած
ըլլալու
կամ
ճանչնալու,
զոր
կը
վերագրէ
վեցերորդ
դարում
Ներսէս
կաթողիկոսի,
որով
Բագրեւանդցին
պէտք
կ՚ըլլայ
իմանալ,
իսկ
բոլոր
քաղուածները
առնուած
են
օտարազգի
հեղինակներէ,
որոնք
Հայոց
վրայ
գրած
են
թշնամական
ուղղութեամբ
եւ
թերի
ու
սխալ
տեղեկութիւններով,
եւ
անոնց
մէջ
խառնած
են
Յոյներու
մասին
տեղեկութիւններն
ալ,
իբր
զի
Հայն
ու
Յոյնը
հաւասարապէս
արեւելեան
եկեղեցիներ
են,
այս
պատճառով
անճիշդ
կէտեր
շատ
կան
եւ
Աշտարակեցին
իրաւունք
ունեցած
է
ճակտին
մակագրել.
Տեղեկութիւնք
վասն
կաթողիկոսաց
եւ
պատրիարքաց
Հայոց,
կարօտ
մաքրութեանց:
Քանի
մը
ուրիշ
տեղեկութիւններ
երկու
մասի
կը
բաժնուին,
մէկը
կը
պարունակէ
արտաքին
գործոց
նախարարութեան
դիւանէն
հանուած
ծանօթութիւններ,
վերջին
հայ
Կաթողիկոսներու
ռուսական
պետութեան
հետ
ունեցած
յարաբերութեանց
մասին,
եւ
միւս
մասը
քանի
մը
հին
ժողովական
կանոններու
քաղուածներ,
Նիկիոյ,
Անտիոքայ,
Սարդիկիոյ
եւ
Կարթագինէի
ժողովներէն
առնուած
(ԵՐՑ.
Բ.
311-319):
Իսկ
հարցումներու
ցուցակը
կը
պարունակէ
85
հարցումներ,
որոնք
կը
վերաբերին,
7
եկեղեցական
կառավարութեան,
34
արդիւնքներու
եւ
գոյից,
20
եպիսկոպոսաց
եւ
24
եկեղեցական
պաշտօնէից:
Պէտք
է
ըսել
թէ
բաւական
ուշադրութեամբ
հաւաքուած
են
հարցումները,
բայց
ընդհանրապէս
կազմուած
են
Վրաց
Վախթանկ
թագաւորի
սահմանադրութեանց
հետեւողութեամբ
(ԵՐՑ,
Բ.
319-329):
Պասքեւիչ
պարտաւորեցաւ
հարցումներուն
պատասխանները
պատրաստել
տալ,
եւ
առաջ
Արարատեան
Սերովբէի
դիմեց,
որ
չհամարձակուեցաւ
ստանձնել,
եւ
այն
ատեն
Շահան
Ջրպետի
յանձնուեցաւ,
որ
1829
ապրիլին
գործի
ձեռնարկելով
վեց
ամիս
անդուլ
անդադար
աշխատեցաւ
եւ
305
երես
գաղիերէն
գրուած
մը
պատրաստեց,
որուն
մէջ
85
հարցումներու
պատասխաններէն
զատ,
հայ
ժողովներու
ցուցակ
մը
եւ
կանոնադրութեան
նախագիծ
մըն
ալ
աւելցուցած
է:
Ասոր
վրայ
կազմուեցաւ
չորսերու
գաղտնի
յանձնաժողովը
(§
2465),
զոր
վերն
ալ
յիշեցինք,
եւ
որ
գործի
սկսաւ
1830
յունուար
8-ին,
եւ
մարտ
11-ին
իր
աշխատութեանց
տեղեկագիրը
եւ
իր
հետեւած
սկզբունքները
ներկայեց
Պասքեւիչի,
կանոնադրութեան
ամբողջական
նախագիծ
մըն
ալ
միասին,
որ
եթէ
ոչ
նոյնութեամբ,
գոնէ
մեծաւ
մասամբ
Ջրպետի
պատրաստածն
էր,
զի
յանձնաժողովն
ալ
կ՚ըսէ
թէ
նա
առաջարկուած
հարցումները
լուծած
է
կարելւոյն
չափ
լրիւ
եւ
բաւաբար
ձեւով
(ԵՐՑ.
Բ.
312-347):
Յանձնաժողովին
պէս
իր
գործն
ալ
գաղտնի
էր,
ոչ
Եփրեմ
եւ
ոչ
Ներսէս,
ոչ
Էջմիածնեցիք
եւ
ոչ
Տփղիսեցիք
տեղեկութիւն
չունեցան,
եւ
միայն
Կարբեցին
մէկերկու
անգամ
Բեհբութեանէ
խորհրդակցութեան
հրաւիրեցաւ,
առանց
գործին
մանրամասնութեանց
ծանօթանալու:
Հարկաւ
այդ
փոքրիշատէ
տեղեկութիւնն
էր
որ
Կարբեցին
կը
կասեցներ
ութերուն
առաջարկին
համակերպելէ,
եւ
Դանիէլեան
կանոնագիրին
հաստատութիւնը
կառավարութենէն
ուզելէ
(§
2510),
գիտնալով
որ
կառավարութիւնը
արդէն
ձեռնարկած
է
կանոնադրութիւն
կազմելու:
2517.
ՏՓՂԻՍԻ
ՆԱԽԱԳԻԾԸ
Տփղիսի
մէջ
Պասքեւիչի
հովանաւորութեամբ
կազմուած
նախագիծը
119
յօդուածներ
կը
պարունակէ
2
գլուխներու
բաշխւած,
որոնք
են`
ա.
հոգեւորականութեան
իրաւունքներ
եւ
առաւելութիւններ
9
յօդուած,
եւ
բ.
հոգեւոր
գործոց
կառավարութիւն
1
յօդուած
եւ
12
մասեր,
որոնք
կը
պարունակեն.
–1.
Կաթողիկոսի
իրաւունքներ
18
յօդուած,
-2.
Կաթողիկոսի
ընտրութիւն
2
յօդուած,
-3.
Ծայրագոյն
խորհուրդի
իրաւունքներ
21
յօդուած,
-4.
Մենաստանի
կառավարութիւն
3
յօդուած,
-5.
Թեմերու
բաժանում
3
յօդուած,
-6.
Թեմական
առաջնորդներ
11
յօդուած,
-7.
Թեմական
կոնսիստորիաներ
17
յօդուած,
-8.
Հոգեւոր
դպրոցներ
6
յօդուած,
-9.
Աստուածահաճոյ
հիմնարկութիւնք
6
յօդուած,
-10.
Մենաստաններ
եւ
միաբանութիւններ
14-ին
յօդուած,
11.
Եկեղեցական
երէցփոխներ
3
յօդուած,
-12.
Պաշտօնէից
արդիւնքներ
5
յօդուած
(ԵՐՑ.
Բ.
348-374):
Աւելորդ
կը
սեպենք
մանրամասն
վերլուծութեան
մտնել,
զի
նախագիծը
իր
ձեւով
եւ
ամբողջութեամբ
ընդունելի
չդատուեցաւ
նախարարութեան
կողմէ,
թէպէտ
բաւական
թուով
յօդուածներ
քիչուշատ
փոփոխութեամբ
պաշտօնապէս
հաստատուած
Պօլօժէնիէին
անցան:
Նոր
նախագիծը
պատրաստելու
համար
նոր
յանձնաժողով
կազմուեցաւ
Պետրբուրգի
մէջ,
որուն
աշխատութիւնը
երեք
չորս
տարի
տեւեց,
եւ
նորը
գրեթէ
բոլորովին
տարբեր
եղաւ
Տփղիսի
մէջ
պատրաստուածեն,
եւ
այդ
փոփոխութիւնը
բարեբախտաբար
եղած
կ՚ընդունի
հետազնին
բաղդատողը,
զի
յամենայն
դէպս
տարբերութիւնները
յօգուտ
Հայոց
եկեղեցւոյ
էին:
Տփղիսական
խմբագրութիւնը
շատ
գլուխներէ
թերի
գտնուեցաւ,
մանաւանդ
պաշտօնական
եւ
օրէնսգիտական
լեզուի
անհմուտ
անձերէ
պատրաստուած
ըլլալով,
միանգամայն
զուրկ
էր
գրական
օրէնքի
յատկութիւնից:
Միանգամայն
չէր
համապատասխանում
մեր
եկեղեցւոյ
վարչական
հոգւոյն,
եւ
ոչ
ալ
բարձրագոյն
իշխանութեան
ցանկութեանց
եւ
ձգտումներին,
որուն
դիտումն
էր
որ
պահպանուին
Հայաստանեայց
եկեղեցւոյ
հնաւանդ
ծէսերը
եւ
կանոնները,
մինչ
Տփղիսի
յնձնաժողովը
մինչեւ
իսկ
եպիսկոպոսական
ձեռնադրութիւնը
երեք
եպիսկոպոսներու
կը
թողուր
(ԵՐՑ
Բ.
352),
միայն
թէ
բարձրագոյն
իշխանութիւնը
կը
պահանջէր
որ
կանոնները
յարմարցուին
կայսերական
օրէնքների
ընդհանուր
հոգւոյն:
Տփղիսեան
խմբագրութեան
մի
գլխաւոր
թերութիւնն
ալ
այն
էր,
որ
Պասքեւիչի
թելադրութիւններէն
մղուած
կարծես
թէ
ուղղակի
նպատակ
ունէր
Նէրսէսի
անձը,
եւ
կ՚ուզէր
կաթողիկոսը
տկարացնել
որուն
վրայ
Ներսէս
ազդեցութիւն
ունէր,
եւ
Սինոդը
զօրացնել,
որուն
վրայ
նա
կը
կարծէր
դիւրաւ
ազդել,
թէպէտ
տեսանք
որ
Սինոդն
ալ
Ներսէսի
ազդեցութիւնը
կը
կրէր
(§
2463):
2518.
ՊԵՏՐԲՈՒՐԳԻ
ՆԱԽԱԳԻԾԸ
Պետրբուրգի
յանձնաժողովին
անդամները
նշանակուած
չենք
գտներ,
բայց
ամէն
առիթի
մէջ
ձեռնհաս
անձեր
եղած
ըլլալնին
կը
յայտնուի
հապճեպ
գործ
չվերջացնելնէն,
ինչպէս
ըրած
էր
Տփղիսի
յանձնաժողովը,
եւ
գործին
վայել
աչալրջութեամբ
զննութեանց
հետեւելնէն:
Գլխաւոր
խնդիրներուն
առաջինը
որ
իրենց
աչքին
կը
ներկայանար,
Հայոց
եկեղեցին
ինչ
տեսակէտով
նկատելն
էր:
Բիւզանդական
ըմբռնումներէն
ժառանգուած
եւ
ռուսական
շրջանակներու
մէջ
արծարծուած
գաղափարը,
Հայոց
եկեղեցին
աղանդաւոր
կը
նկատէր,
Եւրոպացի
մատենագիրներու
տեղեկութիւններով
ալ
տոգորուած,
թէ
Հայեր
Եւտիքական
են
մինչ
Հայեր
իրենց
եկեղեցւոյն
պաշտամանց
մէջ
Եւտիքէսը
կը
նզովեն:
Այդ
մասին
ինչ
եւ
ինչչափ
հետազոտութիւն
ընելնին
չենք
գիտեր,
բայց
կը
տեսնենք
որ
նպաստաւոր
եզրակացութեան
յանգեցան,
ընդունելով
Էջմիածինը
որպէս
մի
սրբավայր
եւ
հոգեւոր
կեդրոն,
որուն
կապուած
են
աշխարհիս
ամէն
կողմերը
ցրուած
Հայերը,
որով
ռուսական
ազդեցութեան
նպաստաւոր
կ՚ըլլար
զայն
իր
հովանաւորութեան
ներքեւ
ունենալ
եւ
պատուով
պահել:
Երկրորդ
խնդիրը
եղաւ
կայսեր
անունին
յիշատակութիւնը
եկեղեցական
պաշտամունքներու
մէջ,
եւ
այն
ալ
կաթողիկոսի
անունէն
առաջ:
Որչափ
ալ
հին
գրչագիրներ
եւ
սովորական
տպագիրներ
հոգեւոր
Տէրը
պետական
Տէրէն
առաջ
կը
դնեն,
Ռուսներ
ալ
այդ
կարգն
ունին
մեծ
մաղթանքին
մէջ
(ԵՐՑ.
Բ.
385),
բայց
նախադասեցին
պետականը
օգտուելով
Յովսէփ
Արղութեանցի
ձեռքով
հրատարակուած
տպագիրի
մը
կարգէն,
եւ
կայսրը
կաթողիկոսէն
առաջ
յիշատակելու
որոշման
յանգեցան:
Ուսրիշ
խնդիր
մըն
ալ
Ռուսահայոց
վիճակներուն
բաշխումն
էր,
եւ
այդ
մասին
ժամանակին
տիրող
բաժանման
հետեւեցան,
եւ
վեց
վիճակներ
որոշուեցան,
երկուք
բուն
Ռուսաստանի
մէջ,
Բեսարաբիա
եւ
Աստրախան,
եւ
չորսը
Կովկասի
հարաւկողմը,
Երեւան,
Տփղիս,
Արցախ
եւ
Շամախի,
որ
թերեւս
անյարմար
չէր
այն
ժամանակի
հայաբնակութեան
համեմատ,
այլ
որ
այլեւս
չի
համապատասխաներ
աճած
հայաբնակութեան
այժմեան
թւոյն:
Միայն
Կարնոյ
եւ
Կարսի
գաղթականաց
առաջնորդ
Կարապետի
եւ
Ստեփանոսի
համար
ժամանակաւոր
բացառութիւն
ընդունուեցաւ,
իրենց
գաղթականներուն
առաջնորդ
մնալ
մինչեւ
իրենց
տեղափոխուիլը
կամ
մեռնիլը
եւ
անկէ
ետքը
անոնց
թեմերը
վերոյիշեալ
վիճակներուն
միացնել:
Ուրիշ
մասնաւոր
կէտեր
ալ
յատուկ
ուսումնասիրութեանց
նիւթ
եղան,
զոր
օրինակ
վանականաց
անհատական
կալուածատիրութիւնը
եւ
կտակելու
իրաւունքը,
Մայրաթոռոյ
եւ
վիճակներուն
ելեւմտական
կացութիւնը,
եւ
այլն:
Ռօզէն
ալ
1835
գարունին
Պետրբուրգ
գնաց
եւ
յանձնաժողովի
նիստերուն
մասնակցեցաւ
(ԵՐՑ.
Բ.
385),
եւ
ի
դարձին
նոյն
տարւոյ
յուլիս
21-ին
որոշ
բացատրութիւններ
խնդրեց
Յովհաննէսէն,
եւ
գլխաւորապէս
անոր
1834
յունուարին
ըրած
դիմումին
վրայօք,
որ
արքունական
ատեանների
համանման
կազմակերպութիւն
տրուի
Սինոդին
ալ,
ինչպէս
նաեւ
վիճակներու
բաշխման
եւ
վանականներու
կալուածատիրութեան
կէտերուն
մասին:
Կաթողիկոսը
բաշխումին
համակերպեցաւ
եւ
կալուածատիրութեան
մասին
պատասխանեց
թէ
եկեղեցական
կանոնները
ոչ
թույլտուութեան
եւ
ոչ
արգելքի
մասին
չեն
խոսիր:
Այս
տեղեկութիւններն
ալ
ստանալով
Պետրբուրգի
յանձնաժողովը
վերջապէս
իր
նախագիծը
ամբողջարար
Ռօզէնի
յղեց,
որ
տեղւոյն
վրայ
բաղդատութիւններ
եւ
հետազոտութիւններ
կատարէ
եւ
տեղեկագրէ:
2519.
ԿԱՐԲԵՑԻՆ
ԵՒ
ՌՕԶԷՆ
Երբ
պետական
շրջանակներու
մէջ
այդ
աշխատութիւնները
կը
շարունակէին,
Յովհաննէս
ամէն
ջանք
կը
թափէր
կառավարչապետին
հաճոյանալ
եւ
անոր
համակրութիւնը
գրաւել,
եւ
անով
իր
դիրքը
ամրացնել,
որուն
պէտք
կը
զգար
ութերու
ձեռնարկած
շարժումին
եւ
մեծամասնութեան
մէջ
տիրող
զգացումին
պատճառով:
Ռօզէնը
անձամբ
տեսած
չէր,
զի
ինքն
1831
սեպտեմբերի
սկիզբները
Տփղիսէն
մեկնած
էր,
ուր
Ռօզէնը
կը
հասնէր
հոկտեմբեր
7-ին
(§
2503):
Բայց
առիթ
չէր
փախցներ
մեծարանք
յայտնելու
եւ
բարեկամութիւն
մշակելու,
մանաւանդ
որ
Ռօզէն
պետական
տեսակէտով
ոգեւորուած
եւ
Յովհաննէսի
հաճոյակատարութեան
տեղեկացած,
պէտք
կը
զգար
կառավարութեան
օգտակար
եւ
կառավարութենէ
հաստատուած
անձին
դիրքը
ամրացնել,
ինչ
ալ
ըլլար
անոր
մասին
կազմած
գաղափարը,
որ
ըստ
ամենայնի
նպաստաւոր
չէր,
ինչպէս
քանիցս
յիշուեցաւ:
Յովհաննէս
պակաս
չէր
ըներ
Ռօզէնի
տան
համար
թարմ
պտուղներ,
տիկնոջ
եւ
դստերաց
համար
ընծաներ
եւ
ուրիշ
նմանօրինակ
նուէրներ,
մինչեւ
որ
տիկինը,
որ
ագահ
եւ
արծաթասէր
կին
մը
վկայուած
էր
(ԵՐՑ.
Բ.
396),
համարձակեցաւ
կաթողիկոսէն
խնդրել,
որ
իրեն
տեսնելու
յուղարկուի
հին
թանկագին
եւ
շքեղ
ակներով
զարդարուած
հայապետական
խոյրը
կամ
թագը,
որուն
գովասանքը
վաղուց
էր
լսել:
Յովհաննէս
Ռօզէնի
եւ
տիկնոջ
հաճոյանալու
առիթ
մը
ձեռք
ձգած
ըլլալուն
ուրախ,
անմիջապէս
1834
փետրուարին
ճամբայ
հանեց
գանձային
մեծ
հնութիւնը,
իր
թարգման
Մկրտիչ
Քարտաշեանի
ձեռքով,
(ԵՐՑ.
Բ.
394),
որ
մարտին
դառնալով
ութերէն
չորսին
աքսոր
յղուելու
համար
Տփղիս
երթալնուն
հրամանը
կը
բերէր:
Յովհաննէս
ոչ
միայն
թագը
յղեց,
այլեւ
վեց
ամսից
աւելի
ազատօրէն
Ռօզէնի
կնոջ
ձեռքը
թողուց,
եւ
երբեր
թագը
ետ
եկաւ,
ակները
կեղծ
ապակիներով
փոխանակուած
էին
եւ
ձեւը
այլայլած:
Փոփոխութիւնը
կատարուած
էր
ականագործ
Կուսիկեանի
ձեռքով,
որ
առատապէս
վարձատրուեցաւ,
իսկ
կաթողիկոսը
հարկաւ
զգաց
իր
անխոհեմ
մարդելուզութեան
հետեւանքը,
բայց
լռեց:
Յովհաննէս
աքսորականներուն
ետեւէն
Բասեղ
եպիսկոպոսը
յղեր
էր
Տփղիս,
բայց
անոր
ցուցուցած
պաղ
ընդունելութիւնը
զինքն
այլայլեց,
ուզեց
ինքն
երթալ
ետեւէն,
բայց
հրաման
ստացաւ
սպասել
մինչեւ
հրաւէր
ընդունի,
եւ
այլայլութիւնը
շատցաւ:
Սեպտեմբերի
մէջ
լսուեցաւ
թէ
Ռօզէն
իր
թարգման
Եփրեմ
Կավալեովը
Էջմիածին
կը
ղրկէ
առանց
կաթողիկոսին
զեկուցանելու,
եւ
թէ
նահանգապէտ
Բեհբութեանը
Տփղիս
կանչուած
է:
Յովհաննէսի
այլայլութիւնը
կատարեալ
շփոթութիւն
կը
դառնար,
զի
կասկածոտ
բնաւորութեամբը
ամէն
պզտիկ
պարագայի
վրայ
թերահաւատութեամբ
կը
նայէր:
Զինքը
շփոթեցին
նաեւ
պտտող
զրոյցները
թէ
Ռօզէն
հետամուտ
է
ծանօթանալ
ամենայն
տեսակ
եկամտից
աթոռոյն,
մանաւանդ
երբ
Ռօզէն
ինքն
Երեւան
եկաւ,
եւ
անցողակի
Էջմիածին
ալ
այցելեց,
մինչ
Յովհաննէս
իրեն
ուղղուելիք
հրաւէրին
կը
սպասէր:
Ձմեռն
ալ
անցաւ
առանց
մի
լուսաբանութիւն
ստանալու,
1835
գարունին
Ռօզէն
Պետրբուրգ
գնաց,
եւ
հազիւ
թէ
սեպտեմբեր
15-ին
դարձաւ,
եւ
Յովհաննէս
փութաց
զքանի
բեռն
կանաչ
մրգեղէն
հասցնել
Տփղիս:
Ռօզէնի
ետեւէն
Տփղիս
յղուեցաւ
Պետրբուրգի
յանձնաժողովին
պատրաստած
Պօլօժէնիէի
նախագիծը,
վերջին
բաղդատութեան
եւ
հետազօտութեան
համար,
եւ
այն
ատեն
միայն
Ռօզէն
հրաւէր
ուղղեց
Յովհաննէս
կաթողիկոսի
եւ
Բեհբութեան
նահանգապետի:
Յովհաննէս
վերջապէս
հանդարտեցաւ
եւ
1835
հոկտեմբերին
ուղեւորեցաւ
Տփղիս,
այլեւ
մեծապէս
մխիթարուեցաւ
Տփղիսի
մէջ
գտած
պետական
մեծահանդէս
ընդունելութենէն:
2520.
ՊՕԼՕԺԷՆԻԷԻ
ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆԸ
Ռօզէնի
հետազօտութիւնները
այս
անգամ
շատ
համառօտ
եղան.
Յովհաննէսէ
ստանալիք
տեղեկութիւնները
ամփոփուեցան
Էջմիածնի
տնտեսական
վիճակին,
վանականաց
ստացութեան
իրաւունքին,
վիճակներու
բաշխման
թիւին.
իսկ
վարչական
ձեւերու
եւ
յարաբերական
կէտերու
մասին
ոչ
հարցում
ուղղուեր
էր,
եւ
ոչ
տեղեկութիւն
առնուեր,
զի
արդէն
հրամանն
ալ
սահմանափակ
էր
նախագիծին,
քանի
մի
յօդուածների
վերաբերութեամբ
կաթողիկոս
Հայրապետի
հետ
խորհրդակցելու:
Ռօզէն
առանց
շատ
ուշացնելու
նախագիծը
Պետրբուրգ
դարձուցած
էր,
ուր
արդէն
հասած
էր
1836
յունուարին,
նկատի
առնելով
այն
ամէն
վերջնական
ձեւակերպութիւնները,
որոնք
պէտք
էր
կատարուէին
պետական
օրէնք
մը
հրատարակելէ
առաջ,
մանաւանդ
պարունակութեամբը
փափուկ
եւ
պարագաներովը
նորօրինակ
եւ
հեռաւորներու
հետ
հաղորդակցութիւնը
դժուարին
օրէնք
մը,
համեմատաբար
շատ
համառօտ
եղած
է
ձմեռնային
եւ
տօնական
քանի
մը
ամիսներու
միջոցը,
վասնզի
1836
մարտ
11-ին
պաշտօնապէս
ստորագրուած
եւ
հաստատուած
է
գրեթէ
ինը
տարիներու
ուսումնասիրութեանց
եւ
հետազօտութեանց
արդիւնք
եղող
օրէնքը:
Կայսերական
հրամանագիրը
ամփոփ
է,
կը
յիշէ
թէ
երբ
Էջմիածինը
գրաւուեցաւ,
եւ
Հայ
եկեղեցւոյ
կառավարութիւնը
ռուսական
հովանւոյն
ներքեւ
մտաւ,
հարկ
էր
յատուկ
սահմանադրութիւն
մը
ունենալ,
որ
յանձնարարական
ժողովի
մը
ձեռքով
կազմուեցաւ,
Էջմիածին
ալ
յուղարկուեցաւ
խորհրդակցութեան
համար,
եւ
կայսերական
խորհրդարանի
մէջ
ալ
նորէն
քննուեցաւ,
եւ
այժմ
կը
հրամայուի
ի
գործադրութիւն
(ԵՐՑ.
Բ.
403):
Նոր
օրինակը
ապրիլ
23-ին
նախարարական
պաշտօնագիրով
Ռօզէնի
յղուեցաւ,
որ
զայն
ուղղակի
Կաթողիկոսին
յանձնեց,
երբ
տակաւին
Տփղիս
կը
գտնուէր
(ԵՐՑ.
Բ.
403):
Մկրտիչ
Քարտաշեան
անմիջապէս
գրաբար
հայերէնի
թարգմանեց,
եւ
թարգմանութիւնը
ուղարկուեցաւ
Էջմիածին
պտագրելու
առանձին
տետրակով:
Յովհաննէս
բաւական
ժամանակ
եւս
Տփղիս
մնաց,
ուր
նոր
պօլօժէնիէի
վերաբերեալ
կէտերը
բերանացի
կարգադրուեցան
Ռօզէնի
հետ,
գործադրութեան
սկզբնաւորութիւնը
1837
յունուար
1-ին
թողուեցաւ,
եւ
Յովհաննէս
միայն
1836
հոկտեմբեր
1-ին
Էջմիածին
վերադարձաւ
(ԵՐՑ.
Բ.
420),
մերձաւորաբար
տարի
մը
աթոռէ
բացակայ
մնալով:
Բայց
մենք
այդ
մանրամասնութիւններուն
չանցած,
կարեւոր
կը
սեպենք
լիուլի
կերպով
վերլուծել
պօլօժէնիէն,
որ
Մայրաթոռոյ,
եւ
հետեւաբար
Հայ
եկեղեցւոյ
համար
ալ,
գործնական
օրէնք
մը
դարձած
է:
2521.
ՊՕԼՕԺԷՆԻԷԻ
ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄԸ
Պօլօժէնիէ,
կամ
սովորական
հնչումով
Պօլօժէնիա
ռուսերէն
բառը
անխտիր
կանոնադրութիւն
եւ
սահմանադրութիւն
թարգմանուած
է,
բայց
մեր
մէջ
ալ
գործածական
եղած
է
ռուսերէն
բառը,
իբրեւ
յատուկ
անուն
Մայրաթոռոյ
համար
ռուսական
կայսրութեան
ձեռօք
կազմուած
եւ
հրամայուած
կանոնադրութեան
կամ
սահմանադրութեան,
եւ
մենք
ալ
ռուսերէն
բառը
գործածեցինք
ուրիշ
սահմանադրութիւններէ
կամ
կանոնադրութիւններէ
տարորոշելու
համար:
Ամբողջական
մակագրութիւնն
է,
բարձրագոյն
կարգադրութիւն
յաղագս
կառավարութեան
գործոց
լուսաւորչական
Հայոց
եկեղեցւոյ
ի
Ռուսաստան:
Այդ
մակագրութեան
մէջ
ի
Ռուսաստան
յաւելուածը
կը
ցուցնէ
թէ
կարգադրութիւնը
հաստատողը
ոչ
միտք
եւ
ոչ
համարձակութիւն
ունեցած
է
ընդհանուր
Հայ
եկեղեցւոյ
համար
օրէնք
մը
կազմել,
այլ
միայն
Հայ
եկեղեցւոյ
ռուսական
կայսրութեան
հետ
ունեցած
յարաբերական
կէտերը
ճշդել,
ինչ
որ
իրօք
ալ
օգտակար
է
ձեռաց
տակ
հաստատուն
կանոն
գործոց
եւ
լուծումն
խնդրոց
ունենալու
համար:
Բայց
թէ
ասով
մէկտեղ
յօուածներուն
մէջ
մտած
են
այնպիսի
կէտեր,
որ
ընդհանուր
Հայ
եկեղեցւոյ
կը
պատկանին,
զայն
կը
սիրենք
վերագրել
նիւթերուն
առնչութեան,
եւ
ընդունիլ
իբր
ընդհանուր
եկեղեցւոյ
օրէնքներէն
փոխառութիւն,
եւ
կամ
նոյն
օրէնքներուն
համակերպութիւն:
Ինչ
որ
մեր
տեսութեամբ
տարադէպ
երեւցած
է
եւ
կ՚երեւայ,
Լուսաւորչական
Հայոց
եկեղեցի
կոչումն
է,
որ
երբեք
Հայ
եկեղեցւոյ
գրութեանց
մէջ
գործածուած
չէ,
եւ
չենք
ալ
գիտեր
զով
մեղադրել
այդ
նորահնար
անուանակոչութեան
համար:
Տփղիսեան
նախագիծը
կը
մակագրուի
հոգեւորականութիւն
Հայոց
ի
Ռուսիա
(ԵՐՑ.
Բ.
348),
Ղրիմեցիի
ծրագիրն
ալ
կը
մակագրուի
եկեղեցականաց
Հայոց
ի
Ռուսաստան,
եւ
ուրիշ
տեղ
ալ
չենք
հանդիպիր
Լուսաւորչական
Հայոց
եկեղեցի
բացատրութեան:
Գիտենք
որ
եկեղեցիներ
կրկին
անուններով
կը
տարորոշուին
սովորաբար,
մէկը
ազգագրական
եւ
միւսը
վարդապետական,
ինչպէս
յունական
որթոտոքս
եկեղեցի
կամ
լատինական
կաթոլիկ
եկեղեցի
եւ
Ռուսներունն
ալ
ռուսական
պրաւոսլաւ
եկեղեցի,
մինչ
Հայեր
լոկ
ազգագրական
կոչմամբ
Հայաստանեայց
եկեղեցի
անունը
գործածած
են:
Ռուսական
կառավարութիւնը
վարդապետական
կոչումը
մըն
ալ
փնտռած
է,
մանաւանդ
որ
ուրիշ
դաւանութեամբ
Հայեր
ալ
կային,
եւ
այդ
առթիւ
ստեղծած
է
Լուսաւորչական
կոչումը,
որ
աւելի
դիւրութեամբ
Գրիգորեան
թարգմանուած
է
ռուսերէնի
մէջ,
եւ
այժմ
տարածուած
է
բոլոր
եւրոպական
լեզուներու
մէջ:
Ոչ
միայն
ռուսական
կառավարութիւնը
այդ
անունը
կը
գործածէ
իր
պաշտօնական
եւ
անպաշտօն
գրութեանց
մէջ,
այլեւ
Էջմիածինն
ալ
այդ
անունով
կը
վերտառէ
իր
պաշտօնագիրները
եւ
կնիքները,
որ
բնաւ
ընդունելի
չի
կրնար
ըլլալ
Հայութեան
տեսակետէն,
զի
Հայ
եկեղեցին
Գրիգոր
Լուսաւորչով
սկսած
չէ,
եւ
Հայ
եկեղեցին
անոր
անունով
կոչել,
կերպով
մը
Հայ
եկեղեցւոյ
առաքելականութիւնը
ուրանալ
կը
նշանակէ:
Մեր
տեսութեամբ
աւելի
ուղիղ
եւ
օրինաւոր
եղած
պիտի
ըլլար,
եթէ
յունարէն
որթոտոքս
եւ
ռուսերէն
պրաւոսլաւ
կոչումներու
համանշանակ
ուղղափառ
հայերէն
կոչումը
կամ
բառը
նոյնութեամբ
պահուած
եւ
գործածուած
ըլլար:
Բայց
ժամանակին
գործիչները,
եւ
յահկապէս
Կարբեցի
կաթողիկոսը,
այդ
նրբութեանց
միտք
դարձնող
չեն
եղած,
եւ
այսօր
շատ
դժուարին
պիտի
ըլլար
ռուսական
օրինագիրքին
անցած,
եւ
բաւական
ժամանակէ
ի
վեր
Ռուսիոյ
եւ
ընդհանուր
Եւրոպիոյ
մէջ
գործածական
դարձած
կոչումը
փոխել
տալ:
Այդ
մասին
հաճութեամբ
կ՚աւելցնենք
թէ
վերջին
կաթողիկոսներն
ալ
մեր
տեսութեանց
համամիտ
գտած
ենք:
2522.
ՊՕԼՕԺԷՆԻԷԻ
ՊԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Պօլօժէնիէն
141
յօդուածներ
կը
պարունակէ,
10
գլուխներու
բաժնուած
հետեւեալ
կերպով.
Ա.
Ընդհանրական
իրաւունք
եւ
արտօնութիւնք
9
յօդուած:
Բ.
Կաթողիկոս
23
յօդուած:
Գ.
Սինոդ
22
յօդուած:
Դ.
Թեմակալ
առաջնորդք
17
յօդուած:
Ե.
Հոգեւոր
ատեանք
եւ
հոգեւոր
կառավարութիւնք
11
յօդուած:
Զ.
Մենաստաններ
19
յօդուած:
Է.
Ամուսնաւոր
եկեղեցականք
10
յօդուած:
Ը.
Հոգեւոր
դպրոցներ
5
յօդուած:
Թ.
Կայից
կառավարութիւն
10
յօդուած:
Ժ.
Եկամուտք
եկեղեցական
պաշտօնէից
15
յօդուած:
Այդ
համառօտ
ցուցակը
ներկայելէն
ետքը
կ՚անցնինք
լուսաբանել
իւրաքանչիւր
գլուխի
կարեւոր
կարգադրութիւնները,
եւ
միանգամայն
աւելցնել
պարտ
ու
պատշաճ
դիտողութիւնները
եկեղեցական
օրինաց
համեմատութեամբ:
Պօլօժէնիէի
զօրութեամբ
Հայոց
եկեղեցին
կը
վայելէ
կայսերական
հովանաւորութիւնը
հաւասար
այլոց
օտարազգի
դաւանութեանց,
եկեղեցիները
կրնան
իրենց
անշարժ
կայքերուն
տիրել
եւ
նորեր
ստանալ
կայսերական
հաւանութեամբ,
եկեղեցականները
համարձակ
կը
կատարեն
պաշտամունքը,
կախում
ունին
իրենց
հոգեւոր
իշխանութենէն,
ազատ
են
յամենայն
հարկատուութեանց
եւ
քաղաքական
պահանջողութեանց,
եւ
բոլոր
ընտանեօք
եւ
սերունդով
չեն
ենթարկուիր
մարմնաւոր
պատժոց:
Դատական
մասին,
կրօնական
խնդիրներու
համար
իրենց
հոգեւոր
իշխանութենէ
կը
դատուին,
իսկ
քաղաքական
եւ
քրէական
գործերու
եւ
օտարներու
հետ
խնդիրներու
համար,
հասարակ
դատարաններու
կ՚ենթարկուին,
ուր
սակայն
հայ
հոգեւոր
իշխանութիւնը
կրնայ
իր
կողմէ
ներկայացուցիչ
մը
նշանակել
վասն
հաղորդակցութեան
ի
քննութիւն
նոյն
գործոց:
Կը
հրամայուի
յարգանք
ուրիշ
դաւանութեանց,
եւ
խստիւ
կ՚արգիլուի
պրօտէլիտիզմը,
որ
նորահաւատութիւն
թարգմանուած
է,
սակայն
իսկապէս
կրօնական
մարդորսութիւն
կը
նշանակէ:
Զանազան
տրամադրութիւնները
միաւորելով
եկեղեցւոյ
ազատութիւնը
եւ
եկեղեցականութեան
պատիւը
բաւականաչափ
պաշտպանուած
կը
գտնենք
առաջին
գլուխին
մէջ:
2523.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ
ԳԼՈՒԽԸ
Կաթողիկոսը
ճանչցուած
է
գլխաւոր
կառավարիչ
եւ
ծայրագոյն
տեսուչ
Հայ
եկեղեցւոյ,
որ
կը
վայելէ
հին
տիտղոսները,
վարդապետութեանց
եւ
պաշտամանց
եւ
նմանօրինակ
խնդիրներու
համար
վախճանական
վճիռ
կու
տայ,
միւռոն
կ՚օրհնէ
եւ
ձրի
կը
բաշխէ,
եպիսկոպոս
կը
ձեռնադրէ,
եկեղեցականներ
կը
վարձատրէ,
ընդհանրական
թուղթեր
կը
հրատարակէ,
եւ
վանական
գործերը
կը
տնօրինէ
սեպհական
նկատողութեամբ
իւրով:
Սինոդին
կը
վերագրուի
միշտ
գործակից
ըլլալու
արտօնութիւն,
եւ
կաթողիկոսին
կ՚արգիլուի
իր
իշխանութիւնն
ու
իրաւունքներն
ու
արտօնութիւնները
ուրիշ
ատեանի
կամ
անձի
փոխանցել:
Էջմիածինէ
կրնայ
բացակայիլ
տարին
չորս
ամիս,
աւելիին
համար
եւ
յայնկոյս
Կովկասու
տեղերուն
համար
կայսերական
արտօնութիւն
պիտի
ստանայ:
Ինքն
ալ
իրեն
ստորադասեալներուն
բացակայութեան
արտօնութիւն
կուտայ,
բայց
չորս
ամիսէ
աւելիին
եւ
Ռուսաստանէ
դուրս
երկիրներու
համար
կայսերական
արտօնութեան
պիտի
դիմէ,
իսկ
սինոդականներ
երկուքէ
աւելի
միեւնոյն
ատեն
պիտի
չբացակային:
Արտաքին
պատիւներն
ալ
նշանակուած
են
ըստ
ընկալեալ
սովորութեան,
եւ
արտօնութիւն
կը
տրուի
անձամբ
կամ
փոխանորդով
կայսերական
թագադրութեանց
ներկայ
ըլլայ:
Իսկ
կաթողիկոսին
յիշատակութիւնը
եկեղեցական
պաշտամանց
մէջ
օրինադրուած
է
անմիջապէս
զկնի
Կայսերն
ամենայն
Ռուսաց
եւ
Օգոստափառ
Տան
նորա
(§
2518):
Ըատրութեան
ժողովի
համար
նշանակուած
էէ
տարեւոր
միջոց
նախորդին
մահուանէ
հաշուելով,
տեղը
Էջմիածնի
տաճարը,
քուէարկուներ,
8
սինոդականներ,
7
Էջմիածնի
միաբանութեան
երիցագոյններ,
վարդապետ
կամ
եպիսկոպոս,
եւ
իւրաքանչիւր
վիճակէ
առաջնորդը
կամ
զայն
ներկայացնող
եկեղեցական
մը,
եւ
ժողովուրդէ
ընտրուած
աշխարհական
մը:
Առաջին
քուէարկութեամբ,
որուն
բացականերն
ալ
կրնան
մասնակցիլ,
կը
նշանակուին
չորս
ընտրելիներ,
առաւելագոյն
քուէ
ստացողներ
առանց
համեմատականի,
երկրորդ
քուէարկութեամբ
կ՚որոշուին
չորսէն
երկու
ընտրեալներ,
նոյնպէս
առանց
համեմատականի,
որոնք
պատգամաւորութեան
ձեռքով
Կովկասի
կառավարչապետին
եւ
անկէ
կայսեր
կը
ներկայացուին,
եւ
կայսրը
բացարձակ
իշխանութեամբ
երկուքէն
մէկը
կը
հաստատէ
կաթողիկոս
եւ
օծումը
կը
հրամայէ:
Մահուան
առթիւ
սինոդը
կը
տիրանայ
թուղթերու
եւ
գրութեանց
եւ
աթոռապատկան
գոյից,
իսկ
անձնական
գոյքեր,
եթէ
կտակ
չունի,
օրինաւոր
ժառանգներու
կը
մնան
եթէ
կան,
թէ
ոչ
աթոռին:
Այդ
գլուխին
վրայօք
նկատողութեան
արժանի
կը
սեպենք,
որ
կաթողիկոսական
բացարձակ
իշխանութիւնը
կը
պարփակուի
եկեղեցական
եւ
կրօնական
եւ
հոգեւորական
շրջանակին
մէջ,
եւ
չեն
յիշուիր
մատակարարական
եւ
դատաւորական
շրջանակները,
որոնք
Սինոդի
գլուխն
մէջ
պիտի
տեսնանք:
Բացակայութիւնը
չափաւորելը
օգտակար
կը
գտնենք,
իսկ
արտասահմանի
համար
պայմանը
իբր
քաղաքական
պահանջ
կ՚ընդունինք:
Ընտորղական
ժողովի
համար
տարեւոր
միջոցը
գուցէ
արդարանար
ժամանակին
տիրող
հաղորդակցութեանց
դժուարութեամբ,
բայց
այժմ
այլեւս
տեղի
չունի,
եւ
եռամսեայ
միջոցը
բաւական
կրնայ
ըլլալ,
եւ
աթոռը
կ՚ազատէ
երկարատեւ
անկերպարան
վիճակէ:
Ընտրութեանց
մէջ
աշխարհականաց
մասնակցութիւնը
համաձայն
է
Հայ
եկեղեցւոյ
աւանդութեանց,
բայց
կ՚երեւի
թէ
այն
ատեն
մտադրութիւն
չէ
դարձուած
Տաճկահայ
վիճակներուն
թիւին
վրայ,
ապա
թէ
ոչ
զգուշացած
կ՚ըլլային
արտասահմանի
վիճակներուն
ճնշողական
առաւելութիւն
տալէ:
Վերջնական
ընտրութիւնը
կայսեր
կամքին
յանձնելը,
որչափ
եւ
առաջին
տեսութեամբ
խիստ
երեւայ,
սակայն
կը
մեղմանայ
դիտելով
թէ
այն
պիտի
պարփակուի
ընտրողներէ
ցուցուած
երկու
անուններու
մէջ:
Միւս
կողմէ
եկեղեցական
ընտրութեանց
մէջ
քաղաքական
միջամտութիւնն
ու
հաստատութիւնը
ընդհանրապէս
ընդունուած
կէտ
մըն
է,
որ
կը
գործադրուի
կամ
միակ
ընտրեալը
մերժելու
իրաւունքով,
կամ
երկու
ընտրեալներէն
մէկն
առնելով,
կամ
ընտրելեաց
ցուցակը
նախապէս
զեղչելով,
եւ
թերեւս
աւելի
խիստը
երկրորդ
ձեւը
չէ,
զոր
ռուսական
կառավարութիւնը
ամէն
ընտրութեանց
վրայ
հաւասարապէս
տարածած
է:
2524.
ՍԻՆՈԴԻ
ԳԼՈՒԽԸ
Երրորդ
գլուխը
յատկացուած
է
Սինոդի
կազմակերպութեան
եւ
իրաւանց,
որ
իր
ամբողջութեան
մէջ
նորույթ
կը
տեսնուի,
այնպէս
որ
Կ.
Պոլսոյ
կողմէ
1834
մայիս
3-ի
գրութեամբ
Սինոդի
կազմութիւնը
խիստ
բռնակալութիւն
դատուեցաւ,
իբր
զի
զայն
զոր
ինքնիշխան
գլուխ
եկեղեցւոյ
եմք
յարգեալ,
ընդ
լծով
հպատակութեան
արկանէ
(ԵՐՑ.
Բ.
292):
Սակայն
շատ
հին
ժամանակներու
մէջ
ալ
կաթողիկոսներու
քովը
եպիսկոպոսներու
մնայուն
մարմին
մը
կը
գտնենք,
եւ
միւս
կողմէն
Սինոդի
գաղափարը
ներքին
պատճառներէ
յառաջացաւ,
կաթողիկոսներու
վարչական
եւ
մանաւանդ
մատակարարական
զեղծումներէ
գրգռուած:
Միայն
թէ
Սինոդ
կամ
Սիւնհոդոս
անունը
տգեղ
սկսաւ
հնչել,
զի
այդ
անունը
վերապահուած
էր
տիեզերական
կամ
ազգային
մեծ
ժողովներու,
եւ
ոչ
ութը
տասը
անդամէ
բաղկացեալ
պաշտօնական
մարմինի
մը:
Այս
պատճառով
երբոր
կաթողիկոսներու
զեղծումներուն
առջեւն
առնելու
համար
գործակից
մարմինի
մը
պետքը
զգացուեցաւ,
աւելի
խորհրդականներու
եւ
խորհրդարանի
եւ
խորհրդական
ատեանի
անունները
գործածուեցան,
իսկ
Սինոդ
բառը
նախադասուեցաւ
այդ
մարմինին
ազդեցութիւնը
ընդարձակելու,
եւ
կերպով
մը
ռուսական
եկեղեցւոյ
վարիչ
Սինոդին
նմանցնելու
համար:
Վասնզի
Պետրոս
Մեծէ
ասդին`
ռուսական
Սինոդը
կը
գործէ
առանց
պատրիարքի,
եւ
բացարձակ
իշխանութեամբ
կը
կառավարէ
ռուսական
եկեղեցին:
Սինոդ
անունը
Դանիէլի
գրութեանց
մէջ
ալ
գործածուած
է,
եւ
այդ
անունին
մեծ
պաշտպանը
Աշտարակեցին
էր
վերոյիշեալ
տեսութենէ
ազդուած,
որուն
նպատակը
վերջապէս
նուիրագործուեցաւ
նոյն
անունին
Պօլօժէնիէի
մէջ
մտնելովը,
եւ
որովհետեւ
այսպէս
ալ
ընդհանրապէս
ընդունուած
եւ
գործածուած
է,
աւելորդ
կը
դառնայ
այլեւս
անունին
շուրջը
դիտողութիւններ
ընել:
Դանիէլէ
ասդին
սինոդականաց
կամ
խորհրդականաց
թիւը
վեցէ
տասուերկու`
փոփոխական
եղաւ,
իսկ
Պօլօժէնիէն
ութը
հաստատեց,
չորսը
եպիսկոպոս
եւ
չորսը
վարդապետ.
իսկ
անդամներու
վերջնական
ընտրութիւնը
դարձեալ
կայսեր
վերապահուեցաւ
Կաթողիկոսէ
ներկայացուելիք
երկու
ընտրելիներու
մէջէն
առնելու
պայմանով:
Սինոդին
ձեռնհասութեան
գործերը
մի
առ
մի
համրուած
են
16
թուահամարով
վարչական
ճիւղին
մէջ,
եւ
4
թուահամարով
դատական
ճիւղին
մէջ,
եւ
կը
պարունակեն
կրօնականէ
եւ
հոգեւորականէ
դուրս
վարչական
եւ
մատակարարական
գործեր,
եւ
կաթողիկոսին
պատկանող
կրօնական
եւ
հոգեւորական
գործերու
մէջ
ալ
նախաքննութեանց
եւ
նախապատրաստութեան
մասերը,
զոր
օրինակ
ամուսնութեանց
եւ
ձեռնադրութեանց
եւ
թոյլտուութեանց
եւ
նմանեաց,
որոնք
կը
կատարուին
առանց
կաթողիկոսի
ներկայութեան,
եւ
արդիւնքը
կ՚ենթարկուի
անոր
բացարձակ
որոշումին:
Միւս
պարագաներու
մէջ
կաթողիկոսը
կը
նախագահէ
գումարմանց,
եւ
ձայներու
հաւասարութեան
մէջ
իր
ձայնը
կը
գերակշռէ:
Կաթողիկոսին
բացակայութեան
կը
նախագահէ
երիցագոյն
եպիսկոպոսը,
բայց
աթոռոյ
պարապութեան
ատեն
չեն
կրնար
վճռուիլ
այն
գործերը,
որոնք
կաթողիկոսական
վճռահատութեան
կը
կարօտին:
Սինոդը
անմիջական
կախում
ունի
ներքին
գործոց
նախարարութենէն,
եւ
միջնորդաբար
կայսերական
գերագոյն
ծերակոյտէն
կամ
սինկղիտոսէն,
եւ
իր
յարաբերութիւնները
կը
կատարէ
տեղական
գործերու
համար
կառավարչապետին,
իսկ
ընդհանուր
գործերու
համար
նախարարութեան
հետ,
անոնց
ուղղելով
իր
տեղեկագիրները
եւ
գանգատագիրները
եւ
հարցումները:
Սինոդը
իր
գործառնութեանց
մէջ
պիտի
պահէ
առհասարակ
ամէն
ատեաններու
յատուկ
եղող
ձեւերը
եւ
պարտաւորութիւնները
փոխադարձ
իրաւունքներով:
Գումարումները
տեղի
պիտի
ունենան
շաբաթը
երեք,
գոնէ
երկու
անգամ:
2525.
ՊՐՈԿՈՒՐՈՐԻ
ՄԱՍԻՆ
Ինչ
որ
Պօլօժէնիէի
մէջ
բոլորովին
նոր
էր,
եւ
ուրիշ
ծրագիրներու
կամ
նախագիծերու
մէջ
միտքէ
իսկ
անցած
չէր,
Ռուսիոյ
պետական
պաշտօնէի
անուանումն
էր,
Սինոդին
վարչական
եւ
մատակարարական
եւ
դատաստանական
գործոց
վրայ
հսկելու
իրաւունքով:
Այդ
պաշտօնէի
անունը
լատին
բառով
Պրոկուրոր
կոչուած
է,
որ
բառական
թարգմանութեամբ
հոգածու
կամ
գործակալ
կը
նշանակէ,
եւ
նոյն
անունը
կը
տրուի
դատարաններու
մէջ
եղող
պետական
դատախազներու,
որոնց
պաշտօնն
է
օրէնքին
ձայնը
լսելի
ընել
դատարաններու
մէջ:
Նոյն
է
իրենց
գործը
քաղաքական
եւ
վարչական
ատեաններու
մէջ,
եւ
Սինոդին
մէջ
ալ
այդ
պաշտօնէին
գտնուիլը
հետեւանք
եղաւ
այն
առաջարկին,
զոր
Յովհաննէս
մատուցած
էր,
որպէսզի
Սինոդը
պետական
ատեաններու
համահաւասար
իրաւունքներ
ունենայ
(§
2518):
Պօլօժէնիէն
երկու
յօդուածներով
միայն
կը
զբաղի
այդ
կէտին
վրայ,
բաւական
սեպերով
ըսել
թէ
պրոկուրորը
վարի
ընդհանրական
կանոնադրութեամբք
որ
վասն
պարտաւորութեան
պրոկուրորի.
բայց
կ՚արժէ
որ
մենք
քիչ
մը
աւելի
լուսաբանենք
անոր
գործն
ու
դիրքը:
Ինչպէս
ըսինք,
իր
ձեռնհասութիւնը
միայն
օրէնքի
ձայնը
լսելի
ընել
ըլլալով,
ոչ
Սինոդի
նիստերուն
կը
գտնուի,
ոչ
խորհրդակցութեանց
եւ
վիճաբանութեանց
կը
մասնակցի,
եւ
ոչ
ալ
կարծիք
յայտնելու
կամ
խորհուրդ
տալու
կամ
որոշմանց
ընկերակցելու
իրաւունք
ունի,
այլ
միայն
սինոդական
որոշումները
կը
տեսնայ,
եւ
օրէնքին
հակառակ
չըլլալը
կը
վկայէ:
Իսկ
եթէ
օրէնքի
հակառակ
տեսնայ,
պարտաւոր
է
օրէնքին
յօդուածը
ցուցնելով
եւ
բացատրութիւնը
տալով
իր
ըսածը
հաստատել:
Այդ
պարագային
մէջ
եւս
եթէ
կաթողիկոսը
հակառակ
պնդէ,
կրնայ
իր
որոշումը
քալեցնել
պատասխանատուութիւնը
վրան
առնելով:
Այդ
բացատրութեանց
ներքեւ
բեռը
կարծուածին
չափ
դըժպըհի
չեղած
ատեն,
մեծ
օգտարակութիւն
ունի,
զի
այս
կերպով
Սինոդի
որոշումները
վճռական
հանգամանք
կը
ստանան,
արքունական
ատեանի
կամ
դատարանի
հաւասար
զօրութիւն
կունենան,
եւ
պետական
գործադիր
պաշտօնեայք
պարտաւոր
կ՚ըլլան
անոնք
գործադրել
առանց
այլեւայլութեան:
Այս
պատճառով
Սինոդի
կնիքը
ռուսական
երկգլխեան
արծիւով
կազմուած
է,
շուրջանակի
ռուսերէն
վերտառութեամբ,
յարեւնման
պետական
ատեաններու
կնիքներուն:
Այս
զօրութեամբ
է
որ
Մայրաթոռը
եկեղեցականութեան
վրայ
ազդեցիկ
եւ
գործնական
իշխանութիւն
կը
վարէ,
անհնազանդներ
կը
պատժէ
եւ
անտեղութիւններ
կ՚արգիլէ
եւ
իր
որոշումները
յարգել
տալու
զօրութիւնը
կը
վայելէ:
Պրոկուրորին
ինչ
ազգութենէ
ըլլալը
որոշուած
չէ,
բայց
Հայոց
եւ
Ռուսաց
լեզուները
գիտնալ
պայման
է,
որով
Սինոդը
աւելորդ
աշխատութեանց
չի
պարտաւորուիր:
Սինոդական
կազմութիւնը
կը
լրացնէ
պաշտօնէից
խումբը,
որուն
գլխաւորներն
են
գանձապետը
եւ
ատենապետը,
եւ
անոնցմէ
զատ
պիտի
գտնուին
ատենադպիրի
օգնականներ,
թարգման,
գործադիր,
դիւանապահ,
եւ
գրագիրներ,
որոնց
գործերը
յայտնի
են:
Եկեղեցական
կամ
աշխարհական
ըլլալնին
ալ
որոշ
ըսուած
չէ,
բայց
սովորաբար
գանձապետը
միաբաններէն
կըլլայ
ու
մնացեալները
աշխարհականներէ:
2526.
ՎԻՃԱԿՔ
ԵՒ
ՎԱՆՔ
Չորրորդ
գլուխը
թեմական
առաջնորդներու
պարտաւորութիւններն
ու
իրաւունքները
կը
բացատրէ,
որոնք
սովորականէն
տարբեր
կարգադրութիւններ
չունին:
Յիշատակելի
է
միայն
թէ
առաջնորդները
նշանակէ
թագաւոր
կայսրն,
յեկեղեցականաց
աստիճանաւորաց
այսր
դաւանութեան,
եւ
թէ
առաջնորդները
կարգին
եւ
արձակին
բարձրագոյն
հրովարտակօք
(ՊՕԼ.
11,
ԵՐՑ.
Բ.
568):
Յաջորդ
հինգերորդ
գլուխը
կը
հաստատէ
վիճակներու
մէջ
մի
մի
հոգեւոր
ատեան,
որ
է
կոնսիստորիա,
որ
միեւնոյն
գործերը
կը
կատարէ
առաջնորդին
մօտ,
ինչ
որ
Սինոդը
կաթողիկոսին
մօտ:
Անդամները
չորս
են,
մէկ
վարդապետ
եւ
երեք
քահանայ,
եւ
առաջնորդը
նախագահ:
Ընտրութիւններ
կը
կատարէ
առաջնորդը
հաւանութեամբ
Սինոդին,
որուն
պատասխանատու
է
հոգեւոր
ատեանը:
Իրեն
ձեռնհասութեան
գործերը
մանրամասնուած
են
15
թուահամարով:
Վիճակներուն
մէջ
կը
կազմուին
ուրոյն
շրջանակներ,
որոնց
վարչութիւնը
կը
յանձնուի
հոգեւոր
կառավարութեան
մը,
վարդապետ
մը
նախագահ
եւ
երկու
քահանայ
անդամներէ
բաղկացած,
բայց
կրնայ
ի
հարկին
նախագահն
ալ
քահանայ
մը
ըլլալ:
Հոգեւոր
կառավարութիւնը
ենթարկեալ
է
հոգեւոր
ատեանի,
ինչպէս
հոգեւոր
ատեանը
Սինոդի:
Մենաստաններու
կամ
վանքերու
համար
ալ
յատուկ
գլուխ
մը
կազմուած
է,
որ
է
վեցերորդը,
եւ
ուր
բաւական
ճշդուած
կանոններ
կան
վանականութեան
մասին:
Վանքերը
արական
են
կամ
իգական,
իբրեւ
գլուխ
ունին
վարդապետ
մը
կամ
մայրապետ
մը,
վիճակային
իշխանութենէ
ընտրուած
կաթողիկոսի
հաստատութեամբ:
Ասոնք
վանքը
կը
կառավարեն
երկու
գործակալներով,
որոնք
միաբանութենէ
կ՚ընտրուին
թեմակալին
հաստատութեամբ:
Իւրաքանչիւր
վանքի
միաբաններու
թիւը
որոշուած
պիտի
ըլլայ,
եւ
ոչ
պակաս
քան
ութը
միաբանութիւն
մը
կազմելու
համար:
Միաբաններու
թիւին
չափ
ալ
ունկնդիրներ
կ՚ընդունուին,
իմա'
ընծայացուներ,
ասոնցմէ
զատ
ալ
կ՚ընդունուին
ծերացած
եւ
զառամած
եկեղեցականներ
եւ
այրիներ,
ինչպէս
նաեւ
չքաւոր
եկեղեցաւաններու
զաւակներ,
պարզապէս
պատսպարեալի
ձեւով:
Միաբան
ըլլալու
համար
պայման
դրուած
է
երեսնամեայ
ըլլալ,
բացի
բացառիկ
արժանաւորութեան
պարագայէ,
եւ
եթէ
հարկատու
կամ
ճորտական
դասակարգէն
են`
ծերակոյտէն
արտօնուիլ,
իսկ
ընծայացուներ
կ՚ընդունուին
որեւէ
չափահաս
տարիքի
մէջ:
Վանականներ
սեփական
անշարժ
ստացութիւններէ
կը
հրաժարին,
եւ
նորեր
ալ
չեն
կրնար
ստանալ,
իսկ
մահուան
առթիւ
շարժական
ստացուածքնին
վանքին
կը
մնայ,
եթէ
կտակ
եւ
օրինաւոր
ժառանգ
չունին:
Ժառանգական
այդ
ձեւը
կաթողիկոսէ
սկսելով
բոլոր
կուսակրօն
եկեղեցականներու
տարածուած
է,
անշարժ
ստացուածքներն
ալ
մէջը
առնելով,
հարկաւ
վանականութեան
մէջ
չեղողներուն
համար:
Հանգանակութեանց
համար
կը
պահանջուի
քաղաքական
իշխանութեանց
արտօնութիւնը,
վերջապէս
իբր
ընդհանուր
ուղղեցոյց
ցուցուած
են
Կանոնք
սրբոյն
Բարսղի
մեծի:
Մնացեալ
կանոններն
ալ
ընդհանրապէս
ծանօթ
բաներ
են:
Ամուսնաւոր
եկեղեցականաց
նուիրուած
է
եօթներորդ
գլուխը,
եւ
նկատի
կ՚առնէ
աւագերէցներէ
մինչեւ
ստորին
դպիրները:
Ասոնց
համար
կ՚ապահովէ
ազատութեան
կամ
ազնուականութեան
իրաւունք
իրենց
օրինաւոր
ամուսնութենէ
սերած
տոհմին
հետ.
եթէ
կանխաւ
ազատ
են,
եւ
կամ
ծերակոյտի
վճռով
ճորտութենէ
ազատած
են,
նոյնիսկ
բնակած
տուներնին
ալ
ազատ
կը
կացուցանէ
քաղաքական
հարկերէ,
ի
բաց
առեալ
սալայատակի
եւ
մաքրութեան
քաղաքագլխական
տուրքերը:
Անշարժ
գոյից
ստացութեան
իրաւունք
կը
թողու
ամենուն,
մեծ
աստիճանաւորները
կ՚ենթարկէ
թեմակալին,
եւ
փոքր
աստիճանաւորները
աւագերէցին:
2527.
ԴՊՐՈՑՔ
ԵՒ
ԳՈՅՔ
Հոգեւոր
դպրոցներու
մասին
կը
խօսի
ութերորդ
գլուխը,
եւ
այս
անունին
ներքեւ
կ՚իմանայ
մեծ
դպրոց
մը
Էջմիածնի
մէջ,
մի
մի
աստուածաբանական
դպրոց
իւրաքանչիւր
վիճակի
մէջ,
եւ
մանկանց
դպրոցներ
վիճակներու
մէջ
պահանջներուն
եւ
միջոցներուն
համեմատ:
Ամէնն
ալ
կաթողիկոսական
եւ
վիճակային
իշխանութեանց
կ՚ենթարկէ,
կանոնները
ներքին
գործոց
նախարարութեան
հաղորդելու,
եւ
Ռուսաց
պատմութիւնն
ու
աշխարհագրութիւնը
ռուսերէն
աւանդելու
պայմանով:
Դպրոցներու
համար
կը
թոյլատրէ
իրենց
սահմանին
մէջ
հանգանակութիւն
եւ
վանքերէ
նպաստահաւաքութիւն
ընել:
Եկեղեցական
կայից
եւ
գոյից
ընդհանուր
տէր
կը
ճանչնայ
Հայոց
եկեղեցին:
Ամէն
հանգանակութիւն
որ
սեփական
շրջանակին
մէջ
է`
եւ
կաթողիկոսի
հրամանով
ու
քաղաքական
իշխանութեան
թոյլատուութեամբ
պիտի
կատարուի:
Իւրաքանչիւր
եկեղեցւոյ
համար
եկեղեցպան
կամ
երէցփոխան
մը
կ՚ընդունի
եռամեայ
պայմանաժամով,
եւ
ի
պատուաւորագունիցն
ի
ժողովուրդս
ընտրուած:
Վերջին
գլուխը
քահանայից
եւ
անոնցմէ
ստորիններուն
հասոյթներով
եւ
այրեաց
եւ
որբոց
հոգածութեամբ
կը
զբաղի:
Եկամուտները
երեք
գլուխի
կը
բաժնէ.
1.
Ժողովուրդէն
տրուլիք
որոշ
թոշակ:
2.
Պաշտօնակատարութեանց
տուրք,
սովորաբար
պաշտօնէից
կոչուած:
3.
Կամաւոր
նուէր:
Առաջինը
կանխաւ
պիտի
որոշուի,
վերջինը
կանոն
չունենար
երկրորդին
համար
կ՚որոշէ
զանազան
պաշտամանց
համար
-
10.
20
եւ
40
կոպէկ
արծաթի:
Խոստովանութիւնը
ու
հաղորդութիւնը
ձրի
կը
հռչակէ,
եւ
նշանակուածներէն
աւելի
պահանջելը
կ՚արգիլէ,
նոյնպէս
չի
ներեր
պաշտօնը
զլանալ
վճարում
չեղա
ըլլալուն
պատճառով:
Կարօտներու
հոգածութեան
համար
նուէրներէ
զատ
տարեկան
վճարում
մը
կը
տնօրինէ
իւրաքանչիւրին
կարողութեան
համեմատ,
եւ
մատակարարութիւնը
կը
յանձնէ
յատուկ
հոգաբարձութեան,
զոր
թեմակալը
պիտի
կազմէ
երեք
քահանաներէ:
Այսչափով
կը
փակենք
հռչակաւոր
Պօլօժէնիէի
ամփոփումը,
յառաջ
բերելով
միայն
այն
կէտերը,
որոնք
նորութիւն
կրնան
սեպուիլ,
եւ
կամ
մայրաթոռոյ
վարչական
մեքենային
գլխաւոր
մասերը
կը
կազմեն:
Աւելորդ
սեպեցինք
մտնել
այն
մանրամասնութեանց
մէջ,
որ
հասարակ
են
ամէն
կանոնաւոր
վարչութեան,
եւ
ամէն
վարչական
մարմիններէ
եւ
մատակարարութիւն
վարողներէ
ընդհանրապէս
կը
պահանջուին:
Կը
մնայ
այժմ
ընդհանուր
ակնարկ
մը
նետել
եւ
տեսութիւննիս
յայտնել
Պօլօժէնիէին
հոգւոյն,
եւ
ուղղութեան
եւ
Հայոց
եկեղեցւոյն
հետ
համեմատութեանց
վրայ: