Ազգապատում. հատոր Գ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՆԵՐՍԷՍ Ե. ԱՇՏԱՐԱԿԵՑԻ

2568. ՆԵՐՍԷՍԻ ՆԿԱՐԱԳԻՐԸ

Հազիւ թէ Յովհաննէս Ը. Կարբեցի կաթողիկոսին մահուան լուրը տարածուեցաւ, յաջորդին անունն ալ միանգամայն սկսաւ կրկնուիլ ամէնուն բերնէն, հնդկական թեմերէն մինչեւ եւրոպական վիճակները, ուր ուրեք որ հայ ժողովուրդ կը գտնուէր, եւ այդ միաձայն յայտարարութիւնը Ներսէս Աշտարակեցիի անունը կը կրկնէր: Այնչափ մեծ եղած էր Ներսէսի գործունէութեան ազդած հմայքը, որ Կարբեցիին աթոռ բարձրանալը իբրեւ անիրաւութիւն նկատուած էր, եւ թէպէտ ընդդիմութեան ցոյցեր չեղան, սակայն բոլոր Տաճկահայ վիճակներ անոր անունը երբեք չյիշատակեցին սուրբ պաշտամանց մէջ, եւ թերեւս ընդիմութիւն ալ երեւան եկած ըլլար, եթէ ռուսական պետութեան ազդեցութիւնը միտքերը չճնշէր: Ներսէս մեծ ազգասէր մը յայտնուած էր Մայրաթոռը հարստահարութեանց կացութենէն օրինաւորութեան վիճակին, եւ խեղճութենէն բարօրութեան առաջնորդելով մեծ շինարար մը հանդիսացած էր ելեւմտագէտ հանճարով եւ անխոնջ աշխատանքով եւ օգտակար հաստատութիւններով. մեծ յառաջադիմական մը ճանչցուած էր դաստիարակութեան եւ կրթութեան եւ ուսմանց եւ գիտութեանց համար ցուցուցած ջանքովը եւ նշանակելի արդիւնքովը. մեծ բարեկարգիչ մը եղած էր զեղծումներու եւ անկարգութիւններու դէմ անաչառ պայքարովը, եւ ամէն կարգ ու կանոնի համար գործածած ճիգերովը: Այդ առաւելութեանց վրայ մենք կ՚ուզենք աւելցնել ինչ որ թերեւս շատերուն մտադրութենէն վրիպած, բայց մեր տեսութեամբ իր արժանաւորութեանց պսակն է եղած: Ներսէս Պասքեւիչէ հալածուած, Կարբեցիէ անարգուած, պետական տեսութեամբ հեռացուած, եւ իբր աքսորական Բեսարաբիոյ անկիւնը նետուած, երբեք ինքզինքը չստորանացուց եւ աւելորդ գանգատներով տկարամիտ ողբերու, գժդմնութեան ձեւերու, վշտացեալ անգործութեան եւ պատշաճից զանցառութեան ցոյցեր չըրաւ, այլ զինքն ամէն հակառակութիւններէ բարձր պահեց, իր արժանապատուութիւնը պաշտպանեց, իր գործունէութիւնը ընդարձակեց, եւ Բեսարաբիոյ անշուք եւ լքեալ վիճակը նախանձելի դրութեան վերածեց, իր անձն ալ միանգամայն պատկառելի ընծայելով: Մեր համոզմամբ շատ աւելի մեծ է ձախող պատահարներու հանդէպ իր պատիւը պահելը, քան յաջող պարագաներու մէջ արդիւնաւոր ըլլալը: Ներսէս այդ մեծութիւնն ալ ունեցաւ, եւ ահա թէ ինչոflւ ընդհանուր ազգը զայն կուզէր կաթողիկոսական գահին վրայ տեսնել: Էջմիածնայ միաբանութեան մէջ ալ նոյն զգացումը սկսած էր տիրանալ: Կարբեցիին ճնշումներուն ներքեւ լռութեան ստիպուողներ, եւ կացութեան տէրը շողոքորթելով իրենց յաջողութիւն փնտռողներ, բոլորովին փոխուած էին երբ այլեւս Կարբեցին չկար, եւ Ներէսին անցեալը, վեհ հոգին եւ արդիւնաւոր կեանքը իր ազդեցութիւնը կունենար, միտքերը կը գրաւէր եւ սիրտերը կը շարժէր:

2569. ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԸՆԹԱՑԸ

Մայրաթոռոյ սինոդը ամէն կողմ ծանուցեր էր Յովհաննէսի մահը, եւ 1843 Ապրիլ 13-ին ընտրողական ժողովին բացումը սահմանուած, եւ 1842 ապրիլ 17-ի պաշտօնագիրով Աստուածատուր պատրիարքի ալ հաղորդած էր որ թէ ինքն եւ թէ Տաճկաստանի բոլոր թեմակալ առաջնորդները կամ անձամբ ներկայ գտնուին ընտրողական ժողովին, կամ իրենց կողմէն եկեղեցական փոխանորդ մը յղեն, եւ կամ գրով յայտնեն իրենց կարծիքն ընտրելիներ ցուցնելով, միանգամայն իւրաքանչիւր վիճակի ժողովուրդն ալ աշխարհական պատգամաւոր մը ընտրէ, որ անձամբ ժողովին ներկայ ըլլայ, եւ եթէ չկամենայ գալ, գրով իր քուէն տայ, ինչպէս որ Պօլօժէնիէի 11, 12, եւ 13 յօդուածները կը տրամադրեն (ՊՕԼ. 2): Ասոր վրայ Կ. Պոլսոյ մէջ ազգային ժողով կը գումարուի ամիրաներէ եւ արհեստապետներէ, որ կը յայտնէ թէ կատարեալ վստահութիւն ունի Էջմիածնի միաբանութեան վրայ, եւ անոր կը յանձնէ իր քուէն, եւ միակ պատգամաւոր կը նշանակէ Պետրոս Կեսարացի վարդապետը, Նիկոպոլսոյ կամ Շապին գարահիսարի առաջնորդը, իբրեւ պատրիարքին փոխանորդ: Աստուածատուր պատրիարք բոլոր վիճակներուն ալ հաղորդած պիտի ըլլայ եկած հրաւէրը, որ առաջնորդներն ալ առիթ կ՚առնեն իրենց միտքը յայտնել եւ քուէնին ուղղակի Էջմիածնի միաբանութեան կը յանձնեն: Այս կարգին կը յիշուին Վան, Բաբերդ Եւդոկիա, Ամասիա, Չմշկածագ, Ակն, Արաբկիր, Արզնի, Ճանիկ, Կեսարիա, Զմիւռնիա, Նիկոմիդիա, Պանտրմա, Ադրիանուպոլիս, Ռոտոսթոյ եւ Վառնա: Իսկ Կարին, Կարս, Պրուսա, եւ Կիւրին ուղղակի պատրիարքարանին կը յանձնեն իրենց քուէն, թէպէտ իրօք անոնք ալ Էջմիածնի միաբանութեն յանձնած կ՚ըլլան: Վիճակային ժողովուրդներն ալ առաջնորդներուն կը հետեւին եւ բոլոր Տաճկահայոց քուէները միաբանութեան վրայ կը կեդրոնանան, թէպէտ գործադրութեան մէջ հետեւանք չունենար, քանի որ որոշ անձ մը չէր փոխանորդը, եւ ոչ որոշ վիճակի ներկայացուցիչ, որ կամենար ըստ այնմ քուէ տալ, այս պատճառով միակ Պետրոս վարդապետէն զատ Տաճկահայոց կողմէ քուէ տուող չկրցաւ ըլլալ: Երուսաղէմ ալ հասած էր հրաւիրագիրը, եւ Զաքարիա Կոփեցի պատրիարքն ալ 1842 նոյեմբերին միաբանական հանրագրութեամբ իր քուէն Էջմիածնի միաբանութեան կը յանձնէր: Նոյն տարին դեկտեմբեր 25-ին գրութեամբ Կ. Պոլսոյ Աստուածատուր պատրիարքն ալ միեւնոյն յանձնարարութիւնը կ՚ընէր եւ գիրը ճամբայ կը հանէր պատգամաւոր Պետրոս վարդապետի ձեռքով (ՅՆՁ. 46): Հնդկաստանցի հայեր դարձեալ կը խնդրէին որ ընտրութենէ առաջ իրենց կանխաւ ըրած առաջարկները գործադրուին 2557), բայց Նիկողայոս կայսրը կը հրամայէ որ ըստ օրինաց պէտք է ընտրութիւնը կանխէ եւ Պօլօժէնիէի խնդիրը կաթողիկոսով նկատի առնուի: Այդ հրամանը 1842 յունիս 13-ին կը հաղորդէր սինոդին: Պօլօժէնիէն ընտրողական ձեւերու մանրամասնութեանց չէր մտած, ուստի Կովկասի կառավարչապետը 1843 յունուար 5-ին սինոդէն ծրագիր մըն էր ուզած, եւ սինոդն ալ փետրուար 5-ին ներկայաց էր (ՅՆՁ. 37), որ ինչ ինչ փոփոխմամբ ապրիլ 9-ին կառավարութենէն հաստատուեցաւ, կանոնք ի հրահանգութիւն վասն ընտրութեան անունի ներքեւ: Այդ կանոնները 33 յօդուածներու մէջ ամփոփուած են եւ կը պարունակեն այն սկզբունքները որ այսօր ալ գործածութեան մէջ են: Նախ չորս ընտրելեաց քուէարկութիւն բացականերուն քուէներն ալ հաշուելով. յետոյ չորսերէն երկուքի քուէարկութիւն միայն ներկաներու քուէրով, եւ երկուքէն մէկին նախադասուիլը կայսեր թողուած, հաստատութեանը հետ: Քուէարկութեանց մէջ նկատի կ՚առնուի պարզ առաւելութիւնը առանց համեմատականի. երկրորդ քուէարկութիւնը կը կատարուի զատ զատ առաջին չորս ընտրելիներու վրայ: Քուէարկուաց թիւը որոշուած էր արդէն, 15 սինոդէն եւ միաբանութենէն եւ 2 իւրաքանչիւր վիճակէն: Այս գլխաւոր կէտերու վրայ կազմուած են սովորական մանրամասնութիւնները, ինչպէս որ կանուխէն ալ յիշած ենք 2523):

2570. ԸՆՏՐՈՂԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ

Ընտրողական ժողովը բացուեցաւ 1843 ապրիլ 13-ին եւ լրացաւ 17-ին Զատկի շաբաթ օրը, ինչպէս որ մօտէն տեղեկութիւն ունեցողներ կը նշանակեն (ՅՆՁ. 47, 82), իսկ ուրիշներուն մայիս 18-ին դնելը (ՊԷՐ. 279. 514), պէտք է թիւրիմացութեան վերագրել կամ ընտրութեան լուրին Կ. Պոլիս հասնելուն թուական համարել: Գրաւոր քուէ զրկող բացականերուն մէջ պիտի համրուի Աշտարակեցին ալ, որ 1843 փետրուար 18-ին սինոդին գրելով չորս ընտրելիներ կը նշանակէ, եւ առաջին կը դնէ Պօղոս Ադրիանուպոլսեցի պատրիարքը, երկրորդ սինոդին նախանդամ եւ տեղապահ Բարսեղ արքեպիսկոպոսը, երրորդ Զմիւռնիոյ առաջնորդ Մատթէոս Չուխաճեան եպիսկոպոսը եւ չորրորդ Շահխաթունեան Յովհաննէս եպիսկոպոսը (ՍԵԴ. 131), եւ կերպով մը կը յայտնէ իր մտքին ուղղութիւնը: Իսկ ժողովին ներկաներուն թիւը 40 ըսուած է (ՊԷՐ. 279), թերեւս գրաւոր քուէներն ալ համրելով, զի այդ թիւը չարդարանար գիտցուած քուէարկուներով: Սինոդ 8 եւ միաբանութիւն 7, Ռուսաստանի վիճակներ 12, եւ Պարսկաստանի վիճակներ 4, եւ Տաճկաստանէ 1, կը գումարուին 32. մինչ Ռուսաստանէ Ներսէս բացակայ էր, հաւանաբար ուրիշներ ալ: Ըստ այսմ նախադասելի է միւս տեղեկութիւնը, ուր ըսուած է թէ ազգային ժողովը միաձայն, 26 ձայն, Կաթողիկոս ընտրեց Ներսէսը (ԶԱՄ. Բ. 162), որոնց մէջ են Պարսկաստանի եւ Հնդկաստանի ներկայացուցիչ Սիմէօն վարդապետ (04 ԲԱԶ. 351), եւ Տաճկաստանի ներկայացուցիչ Պետրոս վարդապետ (ՅՆՁ. 46): Պօլօժէնիէն կը պահանջէր որ երկու անուններ ներկայացուին կայսեր, եւ իրօք ալ Ներսէս Աշտարակեցի Բեսարաբիոյ արքեպիսկոպոսին անունին հետ ներկայացուած է Զաքարիա Կոփեցի Երուսաղէմի պատրիարքին անունը (ՄՈՎ. 351, ՍԱՒ. 1253), բայց երկրորդ անունը հազիւ թէ կը յիշուի, մինչեւ ոմանց կարծել թէ Ներսէսի անունը միայն եւ առանց երկրորդին ներկայացուած ըլլայ կայսեր (ՅՆՁ, 83), եւ այս միտքով մեկնել կայսերական հրովարտակին մէջ ըսուածը, թէ ծանիցէ ամենայն ազգն Հայոց թէ զիջեալ ի միաշունչ փափաք սրտից նոցա, յայտնի երեւալ հանդիսիւ մեծաւ յԷջմիածին ի 17 աւուր ապրիլ 1843 ամի, մեք հաստատեմք զարհիեպիսկոպոսն Ներսէս յեստիճան պատրիարքի Էջմիածնի եւ Կաթողիկոսի ամենայն Հայոց: Այդ բացատրութեան վրայ հիմնուելով հետեւցնողներ եղան թէ պատգամաւորները չէ թէ երկու կանտիտատ ընտրեր են ըստ Պալաժէնիայի, այլ միայն Ներսէսն ուզեր են (ՅՆՁ. 83): Սակայն ստոյգ յիշատակներ երկու անուն ներկայացուած ըլլալը կը հաւաստեն, որչափ ալ մեծ եղած ըլլայ Ներսէսի անունին վրայ յայտնուած միաձայնութիւնը: Միւս կողմէն հրովարտակին խօսքերը բաւական չեն Պօլօժէնիէով հաստատուած ընտրողական կանոնին խափանումը ենթադրելու: Գուցէ Ներսէսի անունին շուրջ գոյացած 26 քուէներու միաձայնութիւնը, (ՄՈՎ. 395) եւ երկրորդ անունին 17 քուէով մնալը առիթ տուած ըլլան երկրորդ ընտրելիի անունն իսկ չյիշելու: Հարկաւ այդ պարագային մէջ մեծ կշիռ ունեցած է Կ. Պոլսոյ պատգամաւոր Պետրոս վարդապետի ի նպաստ Ներսէսի յայտարարութիւնը յանուն բովանդակ Տաճկահայոց, թէպէտ իր քուէն իբր մէկ քուէ միայն հաշուած է: Պետք է եւս յիշել որ թէպէտ Տաճկահայեր Պօլօժէնիէի համակերպելով կաթողիկոսական ընտրութեան մասնակցեցան, բայց բնաւ վիճակներու թիւ եւ ցուցակ ներկայած չեն, այլ անորոշ թուով ըրած են իրենց յայտարարութիւնը եւ յանձնարարութիւնը յանուն բովանդակ Տաճկահայոց վիճակներուն: Դիտելի է եւեւս որ Կիլիկիոյ եւ Աղթամարի կաթողիկոսութեանց բնաւ յիշատակութիւն չենք գտներ, եւ կ՚երեւի թէ նոյնիսկ Սինոդը զանց ըրած է կամ թէ մոռցած է անոնց յատուկ հրաւէրներ ուղղել, թէպէտ Էջմիածին ամէն յարաբերութիւն խզած չէր այս մասնաւոր կաթողիկոսութեանց հետ, ինչպէս կը հաւաստեն Ջահկեցիին 2018) եւ Շամախեցիին եւ Երեւանցիին Աղթամարի հետ 2105), եւ Աղբակեցիին Կիլիկիոյ հետ ունեցած յարաբերութիւնները 1618):

2571. ՆԵՐՍԷՍ ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ

Ներսէս Շահազիզեան, Արագածոտն գաւառի Աշտարակ գիւղէն, առաջնորդ Բեսարաբիոյ եւ նոր Նախիջեւանի որ այսպես հանդիսիւ մեծաւ կաթողիկոսութեան կը կոչուէր, նոյնիսկ Աշտարակեցին է, որուն կեանքն ու գործերը, արժանիքն ու արդիւնքները բաւական տեղ գրաւեցին մեր պատմութեան մէջ, եւ պէտք չունինք անոր նախընթացը լուսաբանել: Ներսէս Բ. Կաթողիկոսն ալ Աշտարակեցի կոչուած է յոմանց յԱշտարակաց Բագրեւանդայ ըլլալուն համար, բայց մենք նախադասեցինք զայն Բագրեւանդի կոչել, զի Աշտարակեցի անունը շատ սովորական եղած էր Արագածոտնեցի Ներսէսի վրայ 359): Նորընտիր Ներսէսը հինգերորդ կոչուեցաւ անուանակիցներու կարգին, Պարթեւէն, Բագրեւանդացիէն, Իշխանցիէն եւ Կլայեցիէն ետքը, զի Սարգիս Գ. ի աթոռակից Ներսէսը թուահամարի չէր անցած վերջին ցուցակագիրներէն, թէպէտ անցած են ուրիշ աթոռակիցներ 1518), ապա թէ ոչ Ներսէս Զ. պիտի ըսուէր Աշտարակեցին: Բայց այժմ պարտաւորուած ենք հետեւիլ գործածական դարձած թուահամարին: Ներսէս 1770-ին 2257) կամ 1771-ին (ՃՌԱ. Բ. 142) ծնած, 72 կամ 73 տարեկան էր կաթողիկոս ընտրուած ատեն, բայց կատարեալ կը պահէր իր ժրութիւնն ու գործունէութիւնը, եւ ազգը իրաւամբ կը սպասէր անկէ նորանոր արդիւնաւորութիւններ հակառակ յառաջացած տարիքին: Մեր ընթերցողները տեսան արդէն Ներսէսը կեանքին զանազան հանգրուաններուն մէջ, Դանիէլի օգնական, Դաւիթ-Դանիէլեան խնդրոյն ժիր գործիչ` մինչեւ Դանիէլի աթոռ բարձրանալը, Դանիէլի կաթողիկոսութեան ատեն աշխատող եւ հօգածու, Եփրեմի կաթողիկոսանալուն գլխաւոր ձեռնտու, եւ անոր պաշտօնավարութեան օգնական, բայց եւ միանգամայն դժուարութեանց հանդիպող, Տփղիսի առաջնորդ, զեղծումներու դէմ աներկիւղ մաքառող, ռուսեւպարսիկ պատերազմներուն զինւորական գործակից, Հայեերը պատերազմին մասնակցութեան ոգեւորող, Ռուսիոյ պետական շահերուն հետ ազգային մասնաւոր շահերը անտես չընող, եւ ճիշդ այդ վերջին տեսակէտով Կովկասի ասպարէզէն հեռացուած, եւ հեռաւոր Բեսարաբիոյ անկիւնը նետուած: Այս ամէն կէտերը պատմած ենք լիովին, եւ միայն մինչեւ կաթողիկոսական ընտրութեան օրը Բեսարաբիոյ մէջ անցուցած միջոցին համարր կը մնայ քանի մը խօսք աւելցնել: Ընդհանուր կերպով ակնարկեցինք արդէն թէ ինչպէս վեհոգի գտնուեցաւ Ներսէս բախտին ձախող դարձուածին հանդէպ, եւ ինչպէս գիտցաւ բարձր պահել ստորացնելու համար եղած ճիգերուն դէմ 2568): Միւս կողմէն շարունակէց իր շինարար եւ բարեկարգիչ աշխատութիւնները, այնպէս որ լքեալ եւ անկեալ կարծուած վիճակը նախանձելի ըլլալու չափ կարեւորութիւն ստացաւ: Մշակեց իր յարաբերութիւնները տեղական անձերու հետ, պահեց կանուխէն ստացած յարգն ու վարկը այնպէս որ նոյնիսկ նախարարական անձերը սկսան հետամուտ ըլլալ, որ անոր արժանավայել դիրքը մը կազմեն: Այդ նպատակով էր որ Քիշնեւի անձուկ շրջանակը ընդարձակուեցաւ մինչեւ Նորնախիջեւան եւ Մոսկվա եւ Պետրբուրգ, եւ կատարեալ արքեպիսկոպոսարան եղաւ, մինչեւ յառաջն հազիւ յաջորդարանի կամ փոխառաջնորդարանի կը հաւասարէր: Առաջնորդի բնակարանն իսկ կառավարութիւնը գրաւած էր, եւ ետ դարձուեցաւ, հասոյթներ անբաւական էին եւ պետական շնորհներով առատացած: Ներսէս դիւանական գործողութեանց եւ եկեղեցական ծիսակատարութեանց ալ յատուկ մտադրութիւն դարձուց եւ բարեկարգութիւններ հաստատեց, հասութաբեր կալուածներ հիմնարկեց ամայի երկիրներու վրայ, այրիներու եւ անտէրունջ օրիորդներու հաստատուն օգնութիւններ պատրաստեց, իր սեղանէն անպակս կ՚ընէր պատուաւոր սեղանակիցներ, եւ առաջնորդարանի մէջ կանոնաւոր սնունդ կը գտնային կարօտներ եւ աղքատներ: Մանկանց դաստիարակութեան ալ յատուկ հոգածութիւն նւիրեց, ինչ որ առաջին տարիներէն իր մեծ նպատակն էր եղած, մինչեւ իսկ Տփղիսի Ներսիսեանի նման դպրանոց մըն ալ կազմել կը խորհէր, եթէ սովորական պէտքէրուն պահանջածէն աւելի միջոցներ գտնէր: Ձեռքը բաց, սիրտը լայն, առատ ծախքերու կ՚ենթարկուէր առանց վարանման, եւ թէ պէտ պատրաստը պակաս եւ անբաւական էր, սակայն ոչ մի գործ կիսակատար թողուց, զի ուղղամիտ եւ օգտակար եւ իմաստուն մատակարարութիւնը ամէնքը կը յորդորէր պէտք եղածը իերն չզլանալու (ՃՌԱ. Բ. 138-140): Այդ արդիւնքներն էին որ զինքը միշտ իր բարձրութեան վրայ պահեցին եւ կաթողիկոսական աստիճանին վերջիվերջոյ արժանացուցին, զի իր նախանձոտներ ու կասկածողներն իսկ համոզուեցան թէ իրենց կարծածէն շատ աւելի բարձր է եղել Ներսէս իր արժանիքով եւ արդիւնքով, իր կարողութեամբ եւ ձիրքերով, ըսենք եւս, իր առաքինական զգացումներով:

2572. ՆԵՐՍԷՍ Ի ՊԵՏՐԲՈՒՐԳ

Ազգային ժողովին կատարած ընտրութիւնը, օրէնքին համաձայն հաղորդուեցաւ Կառավարչապետին, եւ նա ներկայեց կայսեր նախարարութեան միջնորդութեամբ: Կայսրը փութացուց իր հաւանութիւնը, բայց եւ ուզեց անձամբ տեսնել եւ տեսակցիլ Նեսրէսի հետ, եւ ուղղակի իրեն յանձնել հաստատութեան հրովարտակը: Այդ մասին չափազանցեալ եւ ստուգութենէ հեռու կը գտնենք Սաղիմական պատմագիրին ըսելը, թէ կաթողիկոսական ընտրութիւնը Զաքարիա Կոփեցիին վրայ կայացած ըլլայ, բայց նորա ոչ կամեցեալ թողուլ ըզսուրբ աթոռն Երուսաղէմի, զՆերսէս, եպիսկոպոս յԱշատարակաց ընծայեցուցանէ փոխանակ ընդ առանձին իւրոյ (ՍԱՒ. 1253): Ներսէսի ուղղուած հրաւէրը հաղորդուեցաւ մայիսի կէսին, ընտրութենէն ամիս մը ետքը, ինչ որ կը ցուցնէ թէ գործին կարեւորութիւն տրուած էր, եւ Ներսէսի անձն ալ յատուկ ուշադրութիւն կը հրաւիրէր: Ներսէս պահ մը կը մտածէ չերթալ եւ հրաժարիլ, անստոյգ տեսնելով ելքը եւ անվստահելի պետական եւ կառավարական շրջանակներուն նախընթացը, բայց շուտով մէկդի կը թողու այդ մտածմունքը, եւ նախարարի գրութիւնը ստանալուց տասն օր անցած կը վճռէ երթալ Պետրբուրգ, եւ անյտեղ գտնելիք տրամադրութեանց համեմատ տալ իր որոշումը: Հրաժեշտի ողջոյնը կու տայ ժողովրդին, յատուկ պատարագ կը մատուցանէ, եւ կը յայտարարէ որ կ՚երթայ Պետրբուրգ, բայց որ ինչ անդ անցնելոց է ընդ իս ոչ գիտեմ (ԳՐԾ. Ի. 22): Ըստ այսմ Ներսէս յունիսի սկիզբը թողուց Քիշնեւը երեք հետեւորդներով, Թադէոս Բէգնազարեան վարդապետ, Յարութիւն Յովհաննէսեան քարտուղար, եւ Սեփանոս Սամուէլեանց սպասաւոր: Ճամբան Լիպովից քաղաքը տկարութիւն կը զգայ եւ կը պարտաւորուի քանի մը օր հանգիստ ընել եւ դարմանուիլ, եւ մեկնելէն երեք շաբաթ ետքը, Պետրբուրգ կը հասնի եւ հիւրընկալուի Լազարեանց ապարանքը: Նիկողայոս կայսր ամառանոց կը գտնուէր, ուստի մինչեւ որ դառնայ Ներսէս նախարարներուն կ՚այցելէր, բայց յօգնութիւնը, գուցէ եւ ձնխող դեղի մը ազդեցութիւնը, զինքն անկողնոյ պարտաւորեց սաստիկ թուլութեամբ մը որ հետզհետէ կը սաստկանար (04. ԲԱԶ. 256), եւ անհնար կ՚ընէր տեղէն շարժուիլ: Կայսրը կ՚ուզէր զայն ընդունիլ, բայց անհնար էր, ինքն ալ արտասահման պիտի երթար, ուստի առանց այլեւս ուշացնելու հաստատութեան հրովարտակը տուաւ, եւ Աղէքսանդր Նեւսքի շքանշանին ադամանդազարդ աստիճանը շնորհեց, (04, ԲԱԶ. 257), եւ ներքին գործոց նախարար Պերովսկիի յանձնարարեց ամէն խնամք ընել եւ առողջացնել: Երեք պալատական բժիշկներ օրը երեք անգամ կ՚այցելէին, շարունակ դեղէր կը փոփոխէին, եւ կ՚երեւի թէ մինչեւ իսկ յանդուգն փորձեր ալ կ՚ընէին, զի տրուած դեղերուն ներքեւ ձախող փոփոխումներ կը տեսնուէին հիւանդին վրայ, եւ հիւանդը բոլորովին դալկացած իբր անզգայ կը մնար, խօսելու իսկ անկարող, եւ մարմնոյ բնական գործողութիւններն ալ չէր իմանար: Պերովսկին իբր կայսրէ յանձնարարութիւն ստացած, եւ իշխան Խաչատուր Լազարեան իբրեւ տանուտէր, ամէն պարագաներու կը հետեւէին, պալատական բժիշկներուն ապսպրանքները արգիլելու կը համարձակէին, նմանաբոյժ (homeopathe) բժիշկներ ալ կը բերէին, եւ մինչեւ իսկ մաքնիսական եւ քնէածական փորձերու կը դիմէին եւ քննութիւներ կատարել կու տային: Այդ շփոթ եւ գրեթէ յուսահատական վիճակին մէջ, անգամ մը հիւանդին անակնկալ կերպով ջուր ուզելը բարւոքման սկզբնաւորութիւն կ՚ըլլար, եւ հետզհետէ դարմանելով անկողինը թողլու եւ գործերու հետեւելու կարող կ՚ըլլար: Այնչափ անակնկալ էր Ներսէսի ապաքինիլը, որ մինչեւ իսկ բժիշկներ կը յայտարարէին թէ ասում են որ այժմ հրաշք չկայ, բայց այս արդէն հրաշք է (04. ԲԱԶ. 342-343):

2573. ԿԱՅՍԵՐԱԿԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Երբոր Ներսէս բաւական կազդուրուեցաւ, կայսերական ունկնդրութիւնը տեղի ունեցաւ 1843 նոյեմբեր 28 կիրակի օր (ԶԱՄ. Բ. 162): Ներսէս Պետրբուրգ հասած էր յունիսի վերջերը 2572), որով հինգ ամիսներու միջոց մը անցաւ մինչեւ որ կատարուէր այդ պաշտոնական պայմանը, որ ըստ ինքեան քանի մը օրէն կրնար լրանալ: Առաջ կայսեր բացակայութիւնը, վերջին ծանր եւ վտանգաւոր եւ երկար հիւանդութիւնը պատճառ եղան այդ յապաղման: Կայսերական ունկնդրութեան ելքը ամենամեծ յաջողութիւն եղաւ, եւ Նիկողայոս կայսր սիրտի հանդարտութիւն զգաց մօտէն ճանչնալով այդ Ներսէսը, որուն մասին այնչափ ձախող տեղեկութիւններ տրուած էին, եւ իբրեւ վտանգաւոր անձ մը ներկայացուեր էր, եւ ինքն ալ զգուշաւոր միջոցները հրամայած էր: Իբրեւ արտայայտութիւն այդ գոհունակութեան ունինք կայսեր կողմանէ Պերովսկի նախարարին ուղղուած խօսքերը. Ես այսօր շատ հաճելի ունկնդրութիւն ունեցայ, շնորհակալ եմ քեզանից ընտրութեանդ համար, իբր զի նախարարի վկայութեամբ էր որ ազգային ընտրութիւնը հաստատուած էր. Շատ ափսոս որ յառաջագոյն թողուած ենք եղել այս արժանաւոր եւ վաստակաւոր անձին (04. ԲԱԶ. 344): Այս ալ անուղղակի մեղադրանք էր Պասքեւիչի բռնած ուղղութեանը 2461): Մանրամասնութիւններ չունինք Կայսեր եւ Ներսէսի մէջ խօսուածներուն մասին, եւ ոչ ինքն տեղեկութիւն տուած է Սինոդի ուղղած կոնդակին մէջ (86 ԱՐՇ. 785), եւ ինչ որ Կ. Պոլսեցի պատմագիրը յառաջ կը բերէ իբրեւ Ներսէսի եւ Նիկողայոսի կողմէն եղած խօսքեր եւ յայտնուած կարծիքներ, հեռուէ հեռու լսուած զրոյցներ են որ ոչ ճշմարտանման են եւ ոչ ոչ վաւերական աղբիւրներէ քաղուած: Միայն գիտենք թէ շատ երկար չէ եղած տեսակցութիւնը, զի Ներսէս հետեւելով Խաչատուր Լազարեանի հրահանգին չէ ուզած կայսրը ձանձրացնել, եւ ինք առաջին ոտք ելած է մեկնելու, թէպէտ կայսրը յոտնակայս ալ խօսակցութիւնը շարունակած է: Հարկաւ Ներսէս յիշած է իր անձին անհատապէս եւ Հայոց ազգին ընդհանրապէս Ռուսիոյ համար կատարած աշխատութիւնները, յանձն առած զոհողութիւնները եւ վկայուած հաւատարմութիւնը, բայց չէ կրցած խոսիլ ինչ որ Քիշնեւ եղած ատեն միտքը դրած էր խոսիլ եկեղեցու օգտին եւ կաթողիկոսի իրաւանց մասին, եւ անոնց համեմատ պաշտօնին յանձնառու ըլլալ (04 ԲԱԶ 256), զի ամէն պաշտօնական գործողութիւններ լրացած էին իր հիւանդութեան ժամանակէն, եւ այլեւս յանձնառութեան կամ հրաժարման տեղի չէր մնացած: Ներսէս կայսեր ներկայացած ատեն հիւանդութենէն մնացած տկարութեան հետքերը վրան կ՚երեւցներ, այնպէս որ հրաման եղաւ զայն սանդուխտներէն վեր հանել կայսրուհւոյն գործածուած բազկաթոռով եւ խոր ձմեռուան ամիսներու մէջ Պետրբուրգէ Էջմիածին դառնալը անյարմար տեսնուելուն, կայսրը հրամայեց որ ձմեռը Պետրբուրգի մէջ անցունէ, եւ խնամուի, եւ լիովին կազդուրուելով գարնան մեկի իր աթոռը (ՊԷՐ. 515): Յաջորդ օրերուն մէջ դեկտեմբեր 4-ին եւ 5-ին (ՍԵԴ. 149) Ներսէս այցելեց կայսրուհւոյն, գահաժառանգին, կայսեր եղբօր, եւ ներկայ ալ գտնուեցաւ կայսեր դստեր Ալէքսանտրայի պսակադրութեան հանդէսին:

2574. ԱՆՈՒՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ

Աւանդական եւ ծիսական կանոն է, նորընտիր կաթողիկոսներուն անունը եկեղեցական պաշտամանց մէջ յիշատակելու համար սպասել անոնց օծուելուն, որ իրենց գահակալութան իսկական նուիրագործումն է: Այդպէս կը գրէ նաեւ կաթողիկոսական օծման մաշտոցը, եւ նոյնը բացայայտ կրկնած են վերջին ատեններ Յակոբ Շամախեցի եւ Ղուկաս Կարնեցի կաթողիկոսները իրենց կանոնական թուղթերով, որ ձեռագիր կը պահուին Էջմիածնի մատենադարանը: Ներսէսի ընտրութենէն բաւական ատեն անցներ էր, թէ ազգային եւ թէ պետական բոլոր պաշտօնական պահանջները լրացած էին, իսկ Ներսէսի մայր աթոռ գալն ալ դեռ երկար ատեն պիտի ուշանար, ծանր հիւանդութիւնը եւ մանաւանդ կայսեր հրամանին հետեւանօք, որով կաթողիկոս գտնուելով եւ պաշտօնի մտած ըլլալով հանդերձ պիտի շարունակէր աթոռոյ պարապութեան ձեւը, որ 1842 մարտ 26-ին սկսած էր: Թէպէտ օծումը կատարուած չէր, բայց Էջմիածնի սինոդին պրոկուրորը 1843 հոկտեմբեր 29 եւ նոյեմբեր 8 գրութիւններով նախաձեռնութիւն էր ստանձնէ սինոդէն պահանջել, որ Ներսէսի անունին յիշատակութիւնը սկսի, բայց սինոդը նոյեմբեր 1-ի օրինագրով կամ որոշումով չի համակերպիր առաջարկին յառաջ բերելով հնաւանդ օրէնքը, բայց եւ միանգամայն կը հարցնէ թէ մի գուցէ ստացեալ իցէ ի ծայրագոյն իշխանութենէն զպահանջ ինչ (ՍԵԴ. 62): Գործը Կովկասի կառավարչապետին եւ ռուսական նախարարութեան առջեւ կ՚ելլայ, Ներսէսի հարցում կ՚ուղղի, որ եկեղեցական կանոնով օծումէ առաջ յիշատակութեան արգիլուած ըլլալուն մասին չի կարողանում հաստատուն պատասխան տալ, եւ սինոդին հարցում կ՚ուղղէ: Բայց պետական թելադրութեանց համաձայն 1844 յունուար 21-ին հրաման կ՚ուղղէ Բարսեղ տեղապահին, որ անկախաբար սինոդական որոշումէն եւ իբր հոգեւոր պաշտամանց գործ, որ Պօլօժէնիէի 25-րդ յօդուածով ուղղակի կաթողիկոսին կ՚ենթարկուի (ՊՕԼ. 4), իբր կաթողիկոսական տեղակալ, յիշատակութիւնը սկսի եւ եկեղեցիներու ալ հրամայէ յիշատակել, ինչպէս որ տեղապահն ալ կը հաղորդէ սինոդին մարտ 23-ի տեղեկագիրով (ՍԵԴ 157-166), որ կը հանդիպի աւագ հինգշաբթի օրուան, եւ հարկաւ առաջիկայ Զատկի օրը, 1844 մարտ 16-ին սկսած է յիշատակութիւնը: Իսկ սինոդը բաւականացած է մայիս 8-ին յաւելուած մը ընել իր առաջին որոշման եւ անհակառակ համակերպիլ: Մենք կը սիրենք ամուր պահել կաթողիկոսական գահակալութիւնը օծումին կապելու օրէնքը, եւ միայն անկէ ետքը ներեալ համարել անունին յիշատակութիւնը: Սակայն ամէն օրէնք իրեն բացառութիւնները կ՚ունենայ եւ Ներսէսի պարագայն այնպիսի բացառիկ պայմաններու ներքեւ էր, որ չենք վարանիր բացառութիւնը արդարացեալ համարիլ, բայց ոչ երբեք կամ օրէնքը դադարած օրէնքը փոփոխուած կարծել, ինչպէս յետին ժամանակներու մէջ սկսան օգտուիլ Ներսէսի համար կատարուած բացառութենէն: Ասոր պարագայն եզական էր իր տեսակին մէջ, եւ ոչ միայն Էջմիածին ալ Կ, Պոլիս ալ յարգեց բացառութիւնը, զի օծուած Եփրեմի յնշատակութիւնը դադարեցնող, եւ օծուած Յովհաննէսի անունը չյիշատակող պատրիարքութիւնը փութաց զրկուած Ներսէսի յիշատակութիւնը կատարել, ինչպէս առաջիկային պիտի պատմենք: Եթէ Էջմիածնի մէջ սկսած յիշատակութիւնը Ներսէսի կամքն ալ խառնուեցաւ, Կ, Պոլսոյ մէջ եղած յիշատակութեան մէջ նա մաս չունեցաւ, եւ Էջմիածնի համար յայտնուած կամքին հրամանին մասին, մենք ալ համաձայն ենք կրկնել, թէ նա չէ գործած փառասիրութեամբ, որի նշոյլն անգամ չկար նորանում (ՍԵԴ. 158), այլ աւելի տեղի տալով պետական պահանջման կամ թէ կանոնական դրական օրէնքներու նուազ տեղեկութեամբ:

2575. ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ԽՆԴԻՐՆԵՐ

Ներսէս հինգ ամիս Պետրբուրգի մէջ մնացած էր կայսեր ներկայանալէն առաջ 2573), նոյնաչափ ալ մնաց ներկայանալէն ետքը, եւ համաձայն կայսերական հրամանին, եւ նոյնիսկ իր տկարութեան պահանջին, գարնան սկիզբը, 1844 մայիս կէսին մեկնեցաւ Պետրբուրգէ (04, ԲԱԶ. 351): Այդ երկրորդ հինգամեային մէջ առողջ էր եւ կարեւոր գործերով զբաղելու կարող, եւ իրօք երկու յոյժ կարեւոր կէտեր կային Հայոց եւ Ռուսաց յարաբերութիւնները ճշդելու, այնպէս բոլորովին անհիմն բան մը ըսած պիտի չըլլանք, եթէ Ներսէս ձմեռն ի բուն Պետրբուրգ պահելուն հրամանին մէջ, Ներսէսի առողջական վիճակէն զատ, այդ երկու կէտերը լուսաբանելու նպատակն ալ ենթադրենք: Այդ երկու կէտերն էին, Ներսէսի վերագրուած հայկական քաղաքական կեանքի մը սկզբնաւորութեան ծրագիրը 2461), եւ Հայոց եկեղեցւոյ դաւանութեան ռուսական կամ որտթոտոքս դաւանութեան հետ համաձայնութիւնը 2559): Մինչեւ մեր օրերը հասած աւանդական զրոյցներ կը հաւաստեն այդ կէտերուն պաշտօնական կամ կէս պաշտօնական բանակցութեանց նիւթ եղած ըլլալը, թէպէտ մեր ձեռքը հասած լաւագոյն յիշատակներ որոշ եւ յատուկ տեղեկութիւններ չեն տար: Առաջին կէտին նկատմամբ տարածուած տեղեկութիւնն է, թէ Պասքեւիչ Նիկողայոսի անունով կամ թէ Նիկողայոս Պասքեւիչի ձեռքով, որոշակի ակնկալութիւններ ներշնչած են Ներսէսին Պարսիկներէն առնուած հայկական գաւառները ինքնաւար ձեւի մը վերածելու ռուսական հովանաւորութեան ներքեւ, եւ հետզհետէ զայն ընդարձակելու, եւ թէ այս ակնկալութիւնն էր որ այնչափ բուռն կերպով ոգեւորեց Ներսէսը զինուորական եւ քաղաքական ձեռնարկներու, իբր թէ ռուսական բանակին զօրագլուխներէն մէկն ըլլար: Ներսէսի ծոցը խնամով պահուած թուղթը 2461), այդ եղելութեանց հաւաստիքը կը համարուի, եւ Ներսէսը Բեսարաբիա հեռացնելն ալ սոյն պարագաներուն հետեւանքը, որովհետեւ ինչպէս իր տեղը ըսինք, պետական տեսակէտն իրականացման չսահմանուած ակնկալութիւններ էին, որ կը ներշնչուէին տիրապետութիւնը դիւրացնելու, սակայն այն օրերէն ի վեր 15 տարիներ անցեր էին, եւ ամենայն ինչ տարբեր կարգադրուած եւ օրինագրուած եւ գործադրուած էր: Միայն պէտք կ՚ըլլար ստուգել արդեօք Ներսէս հին գաղափարներով տոգորուած էflր տակաւին, կամ թէ իflնչ ուղղութեամբ պիտի գործէր նա մայրաթոռոյ վրայէն, որ ըստ այնմ վստահութիւն մը ստացուի, կամ թէ պատշաճ միջոցները գործածուէին: Մենք Ներսէսը տեսանք որչափ բուռն եւ կամ յախուռն իսկ իր ձեռնարկներուն մէջ, նոյնչափ ալ հանդարտ եւ խոհական պարագաները կշռելու եւ հանգամանաց յարմարելու մէջ: Այնպէս որ ենթադրելի իսկ չէր, որ նա հին անցուդարձերը գրգռէր, կամ թէ կատարուած իրողութիւնները շրջելու գաղափարներով օրօրուէր: Հարկաւ այս տրամադրութեանց համեմատ եղած են խօսակցութիւնները, նախարարներ փարատած են իրենց միտքի վարանումները, եւ ըստ այսմ պէտք է իմանալ կայսեր խօսքերն ալ` Շատ ափսոս, որ յառաջագոյն թողած ենք եղեր այս արժանաւոր եւ վաստակաւոր անձին:

2576. ՔԱՂԿԵԴՈՆԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐ

Երկրորդ խնդիրը, որ է դաւանութեան խնդիրը, սկսած էր պաշտօնապէս յուզուիլ Յովհաննէսի վերջին օրերը 2559), եւ Յովհաննէսի ստորագրութեամբ յայտարարութիւն մըն ալ տրուած էր, ուսկից այնպէս կը քաղուէր, թէ հայադաւան եկեղեցին ըստ ամենայնի համաձայն է յունադաւան եկեղեցւոյն, թէ Քաղկեդոնի ժողովը կ՚ընդունի, եւ թէ տարբերութիւն չունին երկու եկեղեցիներու դաւանութիւնները: Այն ատեն ռուսական սինոդը եւ կառավարութիւնը կարելւոյն չափ լիակատար մեկնութիւն ուզած էին Հայոց դաւանութեան վրայ, եւ Էջմիածնի սինոդը ընտրելի կաթողիկոսին թողած էր պաշտօնապէս պատասխանել, իսկ Ղորղանեան պրոկուրորին պատրաստած բացատրութիւնը պաշտօնական չէր սեպուած 2560): Բնական էր որ խնդիրը վերարծարծուէր երբ կաթողիկոսը Պետրբուրգ կը գտնուէր, այն փափաքով որ Ներսէս հանդիսապէս հաստատէր երկու եկեղեցեաց ըստ ամենայնի նոյնութիւնը, որ պիտի առաջնորդէր եկեղեցիներու ձուլման, ինչպէս հանդիպած էր քաղկեդոնիկ Վրացիներու: Ռուսական եկեղեցւոյն հետ ըստ ամենայնի նոյնութիւնը պատճառ եղած էր Վրաց կաթողիկոսութեան ջնջուելուն, յատուկ եկեղեցւոյ առաւելութիւնը կորսնցնելուն, սեփական իրաւասութեան դադարելուն, եւ ռուսական եկեղեցւոյ մետրոպոլտութեան մը վերածուելուն: Երբ Ներսէս Պետրբուրգ էր, կրօնական գործերով զբաղողներ կը շարունակէին յաճախել Ներսէսի մօտ, եւ դաւանական խնդիրներ կը յուզէին գլխաւորապէս Քաղկեդոնի ժողովի մասին: Ասոնց մէջ յանուանէ կը յիշատակուին, Սկրեբից` օտար դաւանութեանց տեսուչ, Սիմաչկա արքեպիսկոպոս հռոմէականութենէ դարձած սինոդի անդամ, Մուրավիէվ կայսերական սենեկապետ եւ Հայոց վրայ դիրքի մը հեղինակ, եւ Վօլկոնսկի պալատան նախարար: Ասոնք եւ ուրիշներ Ներսէսը կը յորդորէին Քաղկէդոնի ժողովը ընդունելու յայտարարութիւն ընել, որ միակ կէտն է, որով յունադաւան եւ հայադաւան եկեղեցիներ կը տարբերին: Ներսէս թէ պատմական եւ թէ վարդապետական փաստերով կը բացատրէր այդ յայտարարութեան անհնարութիւնը, երեք ժողովներու վրայ համաձայնութինը ուղղափառութեան հիմ կը ցուցնէր, Յոյներուն երկար տարիներ Քաղկեդոնը չընդունիլը կը պատմէր, եւ առանց Քաղկեդոն ընդունելու ուղղափառական համաձայնութիւնը կը պաշտպանէր: Գործնական պատճառներու ալ անցնելով կը հաւաստէր որ եթէ ես ընդունիմ էլ Քաղկեդոնի ժողովը, ոչ մի հայ ինձ չհետեւի. Հայեր իրենց առաքելաւանդ կրօնն անփոփոխ են պահել զոհելով ամենայն ինչ, եւ կը յիշեցնէր Եզրի պարագան, եւ Յունաց ճիգերը եւ Լատինաց հրապուրանքը: Յայտնապէս գրուած չենք գտներ թէ պաշտօնապէս ալ այդ առաջարկը Ներսէսի ներկայուած ըլլայ, ինչպէս որ բերանացի զրոյցներ մինչեւ այսօր կը կրկնեն, սակայն պաշտօնական շրջանակի կողմէ հետապնդութիւն եղած է հարկաւ, եւ վերոյիշեալ անձեր լոկ անձնական նախաձեռնութեամբ չեն մտած այդ խօսակցութեանց մէջ: Թէպէտ գիրը ձեռուընիս չունինք, սակայն Ներսէսի կողմէն Ռուսաց սինոդին ուղղուած գրութիւնը կը հաւաստէ, թէ անոր կողմէն ալ Ներսէսի առաջարկներ եղած են, որ սա ալ հարկ զգացած է գրաւոր պատասխան տալ: Այդ գրութեան մէջ Ներսէս մանրամասնութեանց չի մտներ, այլ բաւական կը սեպէ յիշել, թէ Յունաց Մանուէլ կայսեր եւ Միքայէլ պատրիարքին ժամանակ այդ խնդիրները ծեծուած եւ պարզուած են, Ներսէս Շնորհալի եւ Գրիգոր Տղայ կաթողիկոսներու ձեռքով, եւ Հայոց ուղղափառութիւնը լուսաբանուած է, ուստի բաւական կը սեպէ յղել սինոդին անոնց, գիրերուն ռուսերէն թարգմանութիւնները, որոնք 1847-ին տպագրուած եւ հրատարակուած են: Եւ ի վերջոյ կ՚առաջարկէ որ Ռուսաց գիրքերէն եւ յետկապէս դպրոցական դասագիրքերէն հրամայեն վերցնել զծանրալուր բառս ընդդէմ Հայոց եկեղեցւոյ: Հաւանաբար բարձր տեղեր ազդեցութիւն ունեցած են Ներսէսի փաստերը, եւ համոզում գոյացած է գործին անհնարութեան վրայ, եւ այդ տեսակէտով զանց եղած կ՚ըլլայ պաշտօնական առաջարկութիւնը: Նշանակալից են Վօլկոնսկիի խօսքերը Ներսէսը լսելէն ետքը, որ եթէ համաձայնէր ընդունելու Քաղկեդոնի ժողովը, առաջինը ես պիտի ստոր անուանէի նորան (04. ԲԱԶ. 350), որ ըսել է թէ Ներսէս կրցած է իր խօսակիցները համոզել Հայ եկեղեցւոյ դրութեան ուղիղ ըլլալուն վրայ: Նշանակալից է նաեւ Նիկողայոս կայսեր հրաժեշտի պահուն ըսածը. դուք աշխատեցէք որ կաթոլիկութիւնը մուտք չգտնի ձեր ազգի մէջ, այս ալ ըսել է, ամուր կեցէք ձեր դաւանութեան վրայ: Այս կերպով փակուած է այդ խնդիրն ալ, եւ Ներսէսի հզօր պաշտպանութիւը իսպառ դադրեցուցած է Ռուսաց կողմէն հայերը Քաղկեդոնիկ դարձնելու միտքն ու ջանքերը:

2577. ՔԱՆԻ ՄԸ ՄԻՋԱԴԷՊԵՐ

Ներսէսի Պետրբուրգ գտնուած միջոցին զանազան միջադէպեր կը պատմւին, որոնք որչափ ալ մասնաւոր դիպուածներ են, սակայն յատուկ կերպով կը ներկայացնեն Ներսէսի անձն ու բարձր զգացումները: Լեհաստանի կառավարչապետ Պասքեւիչ զօրավարը, որ այնչափ հակառակութիւն վարած էր Ներսէսի դէմ, այն օրեր Պետրբուրգ գտնուելով Ներսէսի այցելութեան եկաւ, եւ անցեալը թողնենք յայտարարութեամբ բարեկամական տեսակցութեան սկսաւ, եւ Ներսէս սիրալիր եւ յարգալից ընդունելութիւն ըրաւ անոր: Պասքեւիչի ցաւ էր եղած, որ կառավարութիւնը ` իրեն Ներսէսի թշնամի կարծելով, իրեն կարծիքը չկամեցաւ իմանալ նորա մասին երբ ընտրութիւնը կայացաւ, եւ կ՚երեւի թէ կարծիքը փոխած ըլլալով, նպաստաւոր միտք յայտնելու պատրաստութիւն ունէր (04. ԲԱԶ. 350): Լազարեանց տանուտէր Իշխան Խաչատուր, որուն մօտ իջեւանած էր Ներսէս, անոր հաճելի բան մը ըրած ըլլալու միտքով առաջարկութիւն մը պատրաստէր էր կայսեր մատուցանելի, որով կաթողիկոսը երկու հարիւր հազար ռուբլի պիտի կայսերական գանձէն ուզէր, փոխարինաբար առանց տոկոսի ուրիշ տարիների համար, որպեսզի զանազան տեղերում ուսումնարաններ հիմնէր: Ներսէս հազիւ թէ իմացաւ ուժգնակի մերժեց, յանձն չառաւ պետութենէն օգնութիւն մուրալ եւ անցելոյն մէջ ազգային օգնութեամբ ամէն ձեռնարկ գլուխ հանած լինելը յիշելով, վստահութիւն յայտնեց թէ Աստուծոյ ապաւինելով եւ Հայոց ազգի առատաձեռն նուէրներով կը յուսայ նորէն յաջողիլ (04. Բազ. 349-350): Նա մերժեց նաեւ Լազարեաններու պատրաստել տուած մեծ կնիքը, որուն մէջ ուրիշ եկեղեցական զարդերու հետ փորագրուած էին երկու աշտանակներ որոնցով յունադաւան եպիսկոպոսներ ժողովուրդը կ՚օրհնէն, զի Հայկական ծէսին հակառակ էր այնպիսի յաւելուած մը (04, ԲԱԶ. 350): Նմանապէս չընդունեց յունադաւան եպիսկոպոսներու գործածած շուրջառի նման ոսկեթել դիպակէ փիլոնը, զոր Յովսէփ Արղութեան ալ գործածէր էր Պօղոս կայսեր ներկայացած ատեն, եւ միայն վերարկուով ներկայացաւ Նիկողայոս կայսեր, պնդելով թէ մենք փիլոնը միայն եկեղեցում պիտի ծածկենք (04. ԲԱԶ. 344): Արգիլեց նաեւ Պետրբուրգի եկեղեցւոյն մէջ սովորութիւն եղած Ահիւ եղերուք, երկիւղիւ եղերուք երգեցողութիւնը փոխանակ Ահիւ կացցուք, երկիւղիւ կացցուք ըսելու, իբր զի կացցուք համաձայն էր գերմաներէն կատցէ (katze=կատու) բառին (04. ԲԱԶ, 350): Անգամ մը Պերովսկի նախարար Ներսէսի յայտնեց թէ Էջմիածնի Պրոկուրոր Ստեփան Մատինեանց առաջարկած է Էջմիածինէ հեռացնել Յովսէփ Տէր Մարուգեանց եւ Ստեփանոս Արարատեանց եպիսկոպոսները, իրանց վատ բնաւորութեան պատճառով: Ներսէս իսկոյն խնդրեց իրեն թողուլ անոնք խրատելու գործը, այլ անհնար եղաւ հաւանիլ, զի կայսերական հրամանը տրուած էր արդէն, միայն աքսորավայրը փոփոխուեցաւ հայաբնակ Մոզդոկ քաղաքը, փոխանակ խոր Ռուսաստանի Կալուգա նահանգին, ուր բնաւ հայաբնակութիւն չկար: Ասոնք եւ ասոնց նման միջադէպէր լիովին կը հաստատեն Ներսէսի վրայ վեհոգի անձի մը ձիրքերը, հակառակորդին հանդէպ անյիշաչար, եկեղեցական եւ ազգային սովորութեանց եւ զգացմանց հաւատարիմ, ստորնութենէ խուսափող, եւ մանաւանդ դաւանական խնդիրներու մէջ հմուտ ջատագով եւ նախանձահոյզ պաշտպան իր եկեղեցոյն:

2578. ՆԵՐՍԷՍ Ի ՄՈՍԿՈՒԱ

Ներսէս Պետրբուրգ հասած էր 1843 յունիսի վերջերը 2572), եւ մեկնեցաւ 1744 մայիսի կէսին (04. ԲԱԶ. 351), որ ըսել է թէ այնտեղ մնաց իբր տասնուկէս ամիս, կայսեր բացակայութեան, իր հիւանդութեան եւ ապաքինութեան, եւ ձմեռնային խստութեան պատճառներով: Ինչ որ իր պաշտօնին ձեռնարկելու համար պահանջուած պայմաններն էին, լրացած էին օծումէն զատ, որ այլեւս երկրորդական ձեւակերպութիւն միայն կ՚երեւար, որուն կատարման կարծես թէ մեծ կարեւորութիւն չէր տրուեր, եւ Ներսէս ալ փոխանակ Էջմիածին փութալու օգտակարագոյն սեպեց Ռուսիոյ հայաբնակութիւնները այցելել հանդարտօրէն, կացութիւնը իմանալ, գործերը կարգադրել, եւս եւ մայրաթոռոյ պէտքերուն համար ազգային միջոցներ հայթայթել եւ միտքեր պատրաստել: Պետրբուրգէ Մոսկուա ճամբուն վրայ այցելելիք տեղ չկար, ուստի ուղիղ եկաւ Մոսկուա, եւ հոն մնաց երկու ամիս, որ է ըսել մինչեւ 1844 յուլիսի վերջերը: Այդ միջոցին տեսնուեցաւ նշանաւոր ազգայիններու հետ, հետաքրքրուեցաւ եկեղեցիով եւ ժողովուրդով, քննեց Լազարեան Ճեմարանը, որուն ուսուցչութենէն հրաժարեցուց Դաւիթովը, որ հայ աշակերտներին համոզում էր հայերէն ընթերցանութեամբ չպարապել, եւ տեղը նշանակեց Մարոժկին (04. ԲԱԶ. 351, կատարեց Գասպարեան անկելանոցին հանդիսաւոր բացումը, այցելեց իր հին բարեկամ եւ երբեմն Կովկասի կառավարչապետ Երմոլովին, սերտ յարաբերութիւն կապեց ռուս մետրապոլիտ Ֆիլարետի հետ, որ համարձակ կը վկայէր Ներսէսի համար, թէ իւր կրօնական հայացքներով բարձր կանգնած մարդ է, բայց ինքն ալ Ռուսաց անուանի գիտնական հոգեւորականն էր: Վերջին օր որ Ներսէս Մոսկուայէ պիտի մեկնէր, Ֆիլիարետ անոր ուղեկցեցաւ մինչեւ 45 մղոն, մինչեւ Նիկոն պատրիարքի հիմնարկած Նոր Երուսաղէմը, Երուսաղէմի սրբավայրերուն նմանութեամբ շինուած, որ Ռուսերը աւելի այնտեղ գան ուխտի, քան թէ իրենց հարստութիւնը տանին Տաճկաստան: Այստեղ գրկախառն համբուրով հրաժեշտի ողջոյնը տուին մետրապոլիտն ու կաթողիկոսը, նա դարձաւ Մոսկուա եւ սա ուղեւորեցաւ դէպի Բեսարաբիա: Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած միջադէպներէն յիշենք Սալունեցած Սալլանթեանի հանդիպածը, լանթեանի հանդիպածը, որ այն ժամանակ Մոսկուայում կենում էր առանց պաշտօնի: Սալլանթեան կը վախնար Ներսէսի ներկայանալ, վասնզի գիտէր թէ Ներսէսի ձեռքն ինկած է Յովաննէսի վերջին օրերը իր գրած մէկ նամակը որով Ներսէսը զառամեալ եւ կուրացած եւ խլացած եւ մահուան մօտեցած ցուցնելով կ՚առաջարկէր զայն դադրեցնել եւ Բեսարաբիայի առաջնորդութիւնը իրեն յանձնել: Նամակը Յովհաննէսի մահուանէ ետքը հասած էր, եւ Բարսեղ տեղապահէն Ներսէսի հաղորդւած: Սալլանթեան ոչ միայն չներկայացաւ, այլ Ներսէսի կոչին եւ հրաւէրին ալ չանսաց, ասելով թէ նա ուզում է ինձ խայտառակի: Բայց վերջապէս տեղի տուաւ Ներսէսի վեհանձն բնաւորութիւնը յիշեցնողներուն, եւ եկաւ ներկայացաւ մինչ անոր քով ժողովուած էին Մոսկուայի իշխաններն եւ քահանաները: Ներսէս չծածկեց նամակին միջադէպը, բայց եւ միանգամայն մօտը նստեցուց, ճաշի հրաւիրեց, եւ շարունակ ալ իրեն մօտ եւ ճաշակից պահեց: Կ. Պոլիս երթալուն համար ալ միջնորդեց, բայց Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքարանը ընդդիմացաւ ճանաչելով նորա անհանգիստ եւ փոփոխամիտ բնաւորութիւնը: Սալլանթեան այնչափ գրաւուեցաւ որ քարոզի մէջ ալ վկայեց, որ եթէ մենք լռենք նորահաստատ սրբազնակատար հայրապետ Ներսէսի ազգօգուտ գործերի համար քարերը կ՚աղաղակեն (04. ԲԱԶ. 351-352):

2579. ՆԵՐՍԷՍ Ի ՔԻՇՆԵՒ

Մոսկուայէ Քիշնեւ ճամբու վրայ Ներսէս այցելեց Լազարեանց Տուլայի կալուածը, եւ իշխանական օթարանը, ուր Ռուսաց Կատարինէ կայսրուհին եւ Աւստրիոյ Յովսէփ կայսրն ալ իջեւաներ են մէկ մէկ գիշեր եւ արքայական ընդունելութիւն գտեր: Քիշնեւ պէտք էր մնար իր գործերը կարգադրելու, զորս յանկարծ թողեր եւ մեկներ էր տարի առաջ, վիճակին գործերուն ալ պետք էր հոգածութիւն դարձնէր, եւ մինչեւ որ այս գործերը լրացնէր ձմեռը հասաւ, ուղեւորութիւնը արգիլուեցաւ եւ ութը ամիս մնաց Քիշնեւ (04. ԲԱԶ. 403), մինչեւ 1845 ապրիլ: Քիշնեւ թէ ազգային եւ թէ պատերազմական տեսակէտէն կարեւոր կեդրոն մը չէր, եւ Ներսէսի յարաբերական գործողութեանց ասպարէզ չէր բանար: Իր զբաղումները ամփոփուեցան անձնական եւ վիճակային շրջանակներու մէջ, բայց իր հոն մնալը աւելի նպաստեց իր առողջութեան, հիւանդութենէն կազդուրուելու եւ յօգնութիւններէն հանգստանալու իրեն ճաշակով պատրաստուած բնակարանին մէջ, աւելի ժրութեամբ ձեռնարկելու համար իր ծանր եւ ընդարձակ պաշտօնին: Յիշատակներն ալ կը պակսին Քիշնեւ մնացած միջոցին մասին:

2580. ՔԻՇՆԵՒԷ ՆՈՐՆԱԽԻՋԵՒԱՆ

Հազիւ թէ գարնան դուռները բացուեցան Ներսէս Քիշնեւէ ելաւ, ճամբուն վրայ գտնուող բոլոր քաղաքներուն այցելելով Էջմիածին հասնելու, եւ շիտակ ուղղուեցաւ Խրիմի վրայ: Անշուշտ Օտեսա հանդիպած է, թէպէտ յիշողութիւններու հեղինակը անունը չի տար: Խրիմի մէջ նախ այցելեց Վորոնցով կոմսին Ալուանկայի ծովեզերեայ կալուածը, զոր անգամ մը յիշեցինք 2507), ինչպէս ինքը Վորոնցով, որ Կովկասի փոխարքայ էր նշանակուած, Տփղիսէ խնդրեր էր իր նամակով: Անկէ անցաւ Իշխան Գալիցինի ամարանոցը, որ Յովակիմ Լազարեանի մտերիմն էր, եւ իբր ներքին գործոց եւ օտար դաւանութեանց նախարար շատ օգտակար եղած էր Հայոց հոգեւոր գործերուն: Իշխանական կալուածները այցելելէ ետքը հանդիպեցաւ Օրբազար, եւ անկէ եկաւ Եւպատորիա, որ է Գէօզլէվ, ուր մեծահանդէս ընդունելութիւն գտաւ Հայերէ, Ռուսերէ, Թաթարներէ եւ Կարայիմներէ հաւասարապէս, եւ ինքն ալ փոխադարձաբար պատասխանեց անոնց ըրած պատիւներուն: Հայոց եկեղեցին ուխտ ընելէ ետքը գնաց Ռուսաց եկեղեցին, անկէ Թաթարներուն մզկիթը, եւ անկէ Կարայիմներու սինակոկան, ուր օրինաց տախտակները համբուրեց յարգանօք: Խախամը կաթողիկոսին համար բարմաղթութիւններ ըրաւ եւ բազմութիւնը ամէններով ձայնակցեցաւ: Ներսէս Քիշնեւէ ծանօթութիւն եւ բարեկամութիւն հաստատած էր անոնց գլխաւոր վաճառականներուն հետ, որոնք զինքը մեծապէս կը յարգէին, իրենց դատերը անոր որոշման ենթարկելու չափ (04. ԲԱԶ. 403): Ընդունեց եւ վայելեց անոնց պատրաստած նախաճաշիկի հրաւէրը, եւ ամէն տեղ զանազան ազգերու իրարու հետ համերաշխ ապրելու յորդորը կրկնեց: Բաւական օրեր մնաց Եւպատորիա, անկէ անցաւ Սիմֆէրոպոլ որ է Աքմէսճիտ, շաբաթ մըն ալ հոն մնաց եւ եկաւ Ղարասուբազար, միշտ ամէն ազգերու հաւասարապէս համակրանաց առարկայ դարձած: Հոս ալ այցելեց Հայոց եւ Ռուսաց եւ Հայ-կաթոլիկաց եկեղեցիները եւ խօսեցաւ: Վերջինին գլուխը կը գտնուէին Վենետիկի միաբաններէն Մինաս Բժշկեան, Վրթանէս Պօտուրեան եւ երրորդ վարդապետ մը: Ասոնց եկեղեցւոյն մէջ Ներսէս չխնայեց կաթոլիկները մեղադրել` յայտնելով թէ` ձեր մօրը կաթը մոռցել էք, որուն ի պատասխանի Բժշկեանը միւս օր կը յայտարարէր, թէ Մխիթար սկզբում ամենեւին մտադրութիւն չունէր իւր մայրենի եկեղեցին թողնել, եւ թէ միայն դժուարութեանց պատճառով նա այդ քայլն արեց: Այդպես հաւաստեց Բժշկեան, Մխիթարեանց հեղինակաւոր միաբանակիցը, թէպէտ այժմեան Մխիթարեանք այդ բացատրութեան չեն հաւանիր (04. ԲԱԶ. 405): Ղարասուբազարէն եկաւ Թէոդոսիա կամ Կաֆա, միշտ նոյն պայմաններու ներքեւ ուղեւորելով, անկէ ալ անցաւ Նորնախիջեւան, եւ արդեն 1845 սեպտեմբերը յառաջացեր էր: Նորնախիջեւան կարեւոր կեդրոն էր, եւ վիճակին երկու աթոռանիստներէն մին, եւ մեծ խնդիրներ կը յուզուէին եկեղեցեաց ելեւմուտքերու մասին, որոնցմով հեռուէն ալ զբաղած էր առաջնորդութեան ժամանակ, եւ ընդհանուր գանձապետ էր նշանակած Յարութիւն Խալիբեան քաղաքագլուխը, գումարներուն մասնաւորներու ձեռք ոչնչանալուն համար: Խալիբեան երբեմն Ներսէսի հակակիր, անոր մեծ համակիրն էր դարձած, կամ Ներսէսի խօսքով յառաջ Սողոս էր, յետոյ դարձաւ Պօղոս: Գաբրիէլ քահանայ Պատկանեանի անձն ալ խնդիրներու առիթ էր տւած, եւ հարկ եղաւ զայն Տփղիս տեղափոխել: Նշանադրութեանց խնդիր մըն ալ յուզուեցաւ, եւ Ներսէս կարգադրեց որ այնուհետեւ քահանայի ներկայութեամբ կատարուին, որպէսզի բաժանումներու դիւրութիւն չտրուի (ԶԱՄ. Բ. 163): Այդ ամէն զբաղումներով աշունը անցաւ եւ ձմեռը սկսաւ, եւ Ներսէս կը խորհէր երրորդ ձմեռն ալ Նախիջեւան անցունել, բայց զինքը համոզեցին այդ խորհուրդէն ետ կ՚ենալ (04. ԲԱԶ. 405):

2581. ՆԵՐՍԷՍ Ի ՏՓՂԻՍ

Ներսէսի չափազանցօրէն դանդաղ ուղեւորութիւնը, եւ օծումը չառած աստ եւ անդ թափառիլը առիթ տուած էին իրեն հակակիրներուն զրոյց տարածելու, թէ նա չի կրնար Էջմիածին գալ, թէ արտօնուած չէ աթոռ բարձրանալ, որով միտքի պղտորութիւն կը տիրէր ժողովուրդի մէջ: Ազնուական Դաւիթ Թամաշեան, որ Ռուսաստանէ դառնալով Նորնախիջեւան կը գտնուեր եւ ամէն տեղերու տեղեկութիւններն ունէր, համարձակեցաւ Ներսէսի հաղորդել Կովկասէ հեռու մնալուն ձախող հետեւանքը, եւ վրեջապէս համոզեց շուտով ճամբայ ելնել, եւ ըստ այսմ նոյեմբերի վերջերը Ներսէս Նորնախիջեւանէ մեկնեցաւ: Մոզդոկի մէջ զինքն դիմաւորեց Ստեփանոս Արարատեանց եպիսկոպոսը, որ հոն աքսորուած էր Յովսէփ Տէր-Մարուգեանց եպիսկոպոսի հետ 2577) եւ ուր մեռած էր այս երկրորդը, եւ Ստփանոս մինակ մնացած: Ներսէս անյիշաչար կերպով մոռացութեան տուաւ անոր նախընթաց հակառակութիւնները, դրամական նպաստ ալ տուաւ, Մոզդոկցիներուն ալ կրկին եւ կրկին յանձնարարեց զայն լաւ խնամել, եւ Տփղիս հասնելէն ետքը ազատութիւնն ալ ստացաւ (04. ԲԱԶ. 348): Ճամբուն վրայ հանդիպեցաւ եւս Գէորգեւսկ եւ Ստաւրոպոլ քաղաքները, եւ դեկտեմբեր 13-ին հասաւ Վլատիկաւկաս: Վորոնցով Տփղիսէ պէտք եղած հրահանգները տուած էր անվտանգ եւ հանգիստ լեռնաշղթան անցընել տալու համար: Հազարապետ մը եւ հարիւր հեծեալ խազախ Կազբէկէ սկսելով ընկերացան, Կորի հասնելուն կառքերը սահնակներով փոխանակուեցան, գիշեր մը լեռներուն կողքը հասարակ կայարան մը, իսկ միւս գիշերը Քայլավուր Աւալով իշխանին տունը գիշերեցին: Նոյն գիշեր ձեան հիւս մը ահագին կոյտով ճամբան փակեց, եւ հարկ եղաւ գիւղացիները հանելով ճամբան բանալ որ Դուշէթ հասնին: Ներսէսի գալուն լուրը Տփղիսի մէջ տարածուեցաւ յառաջող ուղեւորներէն, եւ դեկտեմբեր 17-ին շաբաթ օր ամբողջ Տփղիս, պաշտօնէութիւն եւ ժողովուրդ, հայ եւ վրացի, ռուս եւ տաճիկ, Ներսէսը դիմաւորեց քաղաքին ծայրը, Վերա թաղը, եւ առաջնորդեց մինչեւ Վանքի եկեղեցին, ուր շատ դժուարութեամբ կրցաւ մտնել կաթողիկոսը խուռն բազմութիւնը ճեղքելով, աղօթեց, օրհնեց, եւ հազիւ թէ եկեղեցիէն ելաւ, Վորոնցով անձամբ եկաւ, երկու վաղեմի բարեկամները գրկախառնուեցին եւ համբուրուեցին, եւ իշխանը կաթողիկոսին իր ապարանքը տարաւ ընթրելու: Այլեւս Ներսէս Տփղիս մնաց, եւ քանի որ Կովկաս մտնելովը եւ գտած ընդունելութեամբը զրոյցներու պատճառը վերցուած էր, որոշեց ձմեռը այնտեղ անցունել մինչեւ Զատիկէ վերջը, որ 1846-ին կ՚իյնար ապրիլ 7-ին: Տփղիս իր հին կեդրոնն եւ իր մեծագոյն գործունէոթեան ասպարէզն էր եղած, իսկ Կարբեցին աշխատած էր Ներսէսի անունն իսկ մոռցնել տալ Տփղիսեցւոց, ուստի բաւական պատճառ կար որ Ներսէս շուտով չմեկնէր Տփղիսէ: Ասկէ զատ Կարապետ Կարնեցին շատ գանգատներու առիթ տուեր էր իր պաշտօնավարութեան կողմէն, ինչպէս որ առիթ ունեցանք կանուխէն ակնարկելու 2555): Կարապետ ստուգիւ դրամական եւ կալուածական կարողութիւն աւելցնելու հետամուտ էր, թերեւս հանրային հաստատութեանց գործածել կը մտածէր, բայց առ այժմ իր անուան կ՚արձանագրուէին բոլոր հողային եւ կալուածական ստացութիւնները, եւ ուրիշներու ուղղութեան վրայ հսկելու հեղինակութիւնը չունէր. եւ իր շուրջն եղողներ կաշառքն ու անտեղի ստացութիւնը ազատաբար կը տարածէին: Գործը աշխարհահռչակ դարձած էր եւ պետական կառավարութեան դիմումներ ալ յաճախած էին, զորս Վորոնցով պահած էր նոր կաթողիկոսին քննութեան ենթարկելու համար, եւ իրօք ահագին տրցակ մը կը դնէր Ներսէսի առջեւ: Ներսէս Կարապետի հանդէպ համակիր զգացումներ կը տածէր: Նա գաղթականութեան քաջալերիչն էր եւ սա գործադրիչը եւ իրարու լաւ ընկերակիցներ էին եղած: Յանձնաժողով մը կազմեց թէ իրեն հասած եւ թէ փոխարքայէ հաղորդուած գանգատագիրները եւ բողոքագիրները գտնելու, եւ անդամ նշանակեց Յովհաննէս Շահխաթունեան եւ Իսահակ ծաղկարար եպիսկոպոսներ եւ Պետրոս Կեսարացի վարդապետը, որ Էջմիածինէ հրաւիրակ եկած էին եւ Տփղիսի անցուդարձերուն օտար էին: Աշխարհականներէն ալ ընտրեց Յովհաննէս Արղութեանցը եւ Դակիթ Խերոզինեանցը, որ իրեն մտերիմներն էին, եւ Յովհաննէս Միրաքեանցը ատենադպիր: Յանձնաժողովը 45 օր աշխատեցաւ եւ հակառակ իրեն բարեացակամութեան եւ Ներսէսի յանձնարարութեանց ստիպուեցաւ Կարապետը հեռացնելու եւ իրենները պաշտօնանկ ընելու առաջարկը բերել: Ներսէս չհամակերպեցաւ Կարապետը խայտառակել, եւ որոշումը յետաձգեց Էջմիածին երթալուն:

2582. ՆԵՐՍԻՍԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Ներսէսին սիրտին ամենէն մօտիկ եղողը իր Ներսիսեան վարժարանն էր, ասով մէկտեղ թէպէտ հինգ ամիսի չափ Տփղիս մնաց, սակայն ամենեւին սիրտ չունեցաւ գոնէ մի անգամ այցելել իւր փայփայած ուսումնարանը, այնքան մեծ էր վեհի սրտի ցաւը: Ներսիսեանի հիմնարկութիւնը պատմած ենք արդէն 2377), եւ պարագայից բերմամբ ինչ ինչ անցքեր ալ յիշած իսկ անոր մասին: Կարբեցին անդստին այն օրէն որ Ներսէս Տփղիսէ հեռացաւ 2457), եւ անոր տեղ ինքն Տփղիսի առաջնորդ եղաւ, իրեն կէտ նպատակի ըրած էր Ներսէսի այդ հիմնարկութիւնը քանդել, իբր զի չկարենալով Ներսէսի անձը մէջտեղէն վերցնել, կ՚ուզէր ջնջել անոր անունը անմահացնող յիշատակը: Հետզհետէ պզտիկցուց եւ ստորնացուց ուսումնական ծրագիրը, գրաւեց վարժարանի հասոյթներուն աղբիւնրները, այսինքն կալուածներուն վարձքերը 2468), նոյնիսկ շէնքին մէկ մասը պետական կիրառութեան տրամադրեց, Կօճառի գետինը կառավարութեան յանձնեց, ուսուցիչները նուազեցուց, վարժարանին անունը փոխեց, մինչեւ իսկ մտադրեցին բոլորովին գոցել Ներսիսեան ուսումնարանը եւ ծախել սորա բոլոր անշարժ կայքը (ՆԵՐ. 324): Իսկ երբ 1836-ին Պօլօժէնիէն հրատարակուեցաւ, որ իւրաքանչիւր վիճակին մէջ սէմինարիա կամ դպրանոց մը կը պահանջէր, անունը փոխուած Ներսիսեանը իր յատուկ մատակարարութեան ձեռքէն հանեց, եւ վիճակային կոնսիստորիային յանձնեց, իբրեւ ոչ եւս ազգային դաստիարակութեան օրրան, այլ համեստ ծրագիրով թեմական դպրոց մը: Նախարարութիւնը այդ մասին 1837 մայիս 12-ի գրութեամբ Ներսէսի կարծիքը հարցուցած էր, եւ Ներսէս 1838 ապրիլ 23-ին շատ ընդարձակ տեղեկագիր մը յղած էր (ՆԵՐ. Ա. 325-363), բայց չէր կրցած արգիլել որ Ներսիսեան վարժարանը հոգեւոր սեմինարիա Վրաստանի թեմի չդառնայ (ՆԵՐ. Ա. 364), 1837 մայիս 19-ին կաթողիկոսական կոնդակով (ՆԵՐ. Ա. 387), եւ ուսումնարանը չկորսնցնէ իր նշանակութիւնը եւ արդիւնաւորութիւնը: Ասոր վրայ ազգայիններ ոչ միայն իրենց զաւակները ետ առին, այլեւ անոնց մէջ միտք ծագեց դիմել քաղաքական իշխանութեան, որպէսզի Ներսիսեան ուսումնարանի տարեկան եկամուտների կէսը տրուի արքունական գիմնազիային, որ պիտի բանայ հայ տղերանց համար մասնագիտական դասարաններ (ՆԵՐ. Ա. 376), բայց բարեբախտաբար սինոդի միջամտութիւնը խափանեց առաջարկին ընթացքը, թէպէտ ոչ այնչափ Ներսիսեան հիմնարկութիւնը, որչափ եկեղեցական ստացութեան իրաւունքը պաշտպանելու նպատակով: Իսկ վարժարանին նախկին ընթացքը խեղճ ողորմելի կերպարան էր առած. Կարապետ առաջնորդ անբաւական, Կոնսիստորիան անհոգ, վերատեսուչ Յովսէփ քահանայ Օրբէլի նախաձեռնութենէ եւ հեղինակութենէ զուրկ, ուսուցիչներ ապօրինաւոր ընթացից մէջ, աշակերտներ յանդգնութեան հասած, ոչ վերատեսուչէն ամաչելով եւ ոչ բարձր դիտողութենէն երկնչելով, այնպէս որ Ներսէս յուսահատեցաւ մասնաւոր կարգադրութիւններով դարման մը ընել, եւ գործը թողուց ձեռք առնել Էջմիածինէ դարձին օծումը ընդունելէ ետքը:

2583. ՆԵՐՍԷՍ ՅԷՋՄԻԱԾԻՆ

Այդ գործերով եւ ուրիշ մասնաւոր խնդիրներով եւ յարաբերութիւններ մշակելով, Տփղիս մնաց Ներսէս մինչեւ մայիսի սկիզբները, ապրիլ 7-ի Զատիկին հանդիսութիւնները իր նախկին թեմին մէջ կատարեց, եւ գարնանային եղանակով ուղեւորեցաւ Էջմիածին: Տփղիսէ մեկնեցաւ 5-ին եւ 8-ին Երեւան հասաւ, հարկաւ քանի մը օր մնաց եւ փառաւոր հանդիսութեամբ մայրաթոռ ընդունուեցաւ, զի համակիրներ քաջալերած էին, եւ հակակիրներ կամ դեր փոխելու ստիպուած եւ կամ լռելու պարտաւորուած էին: Օծման հանդէսին համար ալ մեծ պատրաստութիւններ եղան, զի միայն եկեղեցական ըլլալով 179 հոգիներ հաւաքուեցան, 14 եպիսկոպոս, 50 վարդապետ, 61 քահանայ եւ 50 սարակաւագ կամ ուրարակիր (ՆՍՐ. 21): Խորհրդաւոր օր մը կատարուեցաւ օծումը, կաթողիկէ Էջմիածնի տօնին օրը, 1846 յունիս 9-ին (04. ԲԱԶ. 407), ընտրութենէն երեք տարի եւ երկու ամիս ետքը: Արդէն Ներսէսի կեանքին շատ պարագաները բացառիկ հանգամանք կը կրեն, նոյնպէս եղաւ օծումն ալ, կաթողիկոսութիւն վարելու սկսելէն երեք տարի ետքը զի եպիսկոպոս ձեռնադրելէ եւ միւռոն օրհնելէ դուրս կատարելապէս կաթողիկոսական պաշտօնավարութիւն եղաւ այդ միջոցին անցուցած կեանքը: Օծման օրը շատ եռանդուն ճառեր եւ քերթուածներ խօսուեցան, եւ նախ եւ առաջ խօսեցան Շահխաթունեան Յովհաննէս եպիսկոպոս եւ Շահնազարեան Կարապետ վարդապետ (ՆՐՍ. 21): Նոյն օր 1950 հոգւոյ ճաշ տրուեցաւ, վեհարանի, եւ սեղանատան եւ Ղազարապատի մէջ սեղաններ զետեղելով, լուսավառութիւն եւ գիշերահանդէս ալ կազմակերպուեցաւ երաժշտականաց մասնակցութեամբ (ՆՐՍ. 22): Հանդէսները նորոգուեցան հոկտեմբեր 27-ին Գիւտ Խաչի օրը միւռոնօրհնութեան առթնւ (ՆՐՍ. 23): Հազիւ թէ Ներսէս ներքին գործունէութեան սկսաւ, տեսաւ որ Էջմիածին ալ ապօրինութեանց եւ կաշառակերութեանց տեղ մը դարձած էր Կարբեցիին օրէն, եւ շարունակած էր աթոռոյ պարապութեան եւ իր թափառմանց միջոցներուն: Մինչեւ իսկ Պետրբուրգ եղած ատենէն կը մտածէր ըստ յորդորանաց մինիստրութեան շատեր անպատճառ մեկուսացնել յաթոռոյն (ՍԵԴ. 147), ուստի իր առաջն գործն եղաւ անկարգութեանց դարմանին ձեռնարկել: Սինոդը վերանորոգեց հիներէն պահելով Ղուկաս Մաստարացի նախանդամ եւ Յովհաննէս Շահխաթունեան եպիսկոպոսները, եւ նորերէն աւելցնելով Նիկողայոս Տէր-Մարուգեանց եպիսկոպոսը եւ Մակար-Տէր Պետրոսեան եւ Սիմէոն Փարաքարցի վարդապետները, Յովհաննէսի յանձնելով գանձարանն ու արկղը, եւ Նիկողայոսը նշանակելով վանական կառավարութեան գլուխ Գէորգ Աշտարակեցի եւ Թադէոս Բէգնազարեան եպիսկոպոսներու հետ (04. ԲԱԶ. 409): Ուզեց Տփղիսի կնճիռն ալ լուծել 2581) սինոդի անդամակցութեան կոչելով առաջնորդ Կարապետ Կարնեցին, որ օծման արարողութեան ալ նախագահած էր, բայց սա ոչ մի կերպով համակերպեցաւ Էջմիածին մնալ, նոյնիսկ Տփղիսի առաջնորդութիւնն ալ վրան պահելով: Այդ մասին զինքը քաջալերողը ոչ միայն իր բերմունքն էր, այլեւ Ղուկասի խրատը, որ նախանդամութիւնը պիտի կորսնցնէր Կարապետի սինոդ մտնալովը: Ներսէս պարտաւորուեցաւ լռել, միայն թէ այն վայրկեանէն, սիրտին մէջ դրաւ այլեւս Կարապետի պաշտպանութենէ ձեռնթափ ըլլալ: Այդ առաջին ձեռնարկները հնարաւոր եղածին չափ ձեւի դնելէն ետքը փութաց Տփղիս դառնալ 1846 դեկտեմբեր 17-ին (ՆՐՍ. 23), օծումէն վեց ամիս ետքը, նպատակ ունենալով լրացնել իր սիրելի քաղաքին եւ ձեռակերտ ուսումնարանին գործերը, զորս թերի թողուլ պարտաւորուած էր օծումի ընդունելութեամբ զօրանալու համար 2482): Այստեղ պահ մը Մայրաթոռոյ եղելութիւնները ընդհատելով, անցնինք պատմել ինչ որ Կ. Պօլիս եւ Երուսաղէմ տեղի ունեցաւ Կարբեցիի մահուան յաջորդ ժամանակի մէջ:

2584. Կ. ՊՈԼՍՈՅ ԳՈՐԾԵՐ

Կոստանդնուպոլսոյ աթոռին վրայ կը գտնուէր Աստուածատուր եպիսկոպոս Կոստանդնուպոլսեցին, իր դիրքին յայտնապէս անբաւական անձ մը, ինչպէս յիշեցինք 2548), բայց որ ամիրայական վարչութեան հլու հպատակ ըլլալուն շնորհիւ կը շարունակէր մնալ աթոռին վրայ: Ամիրաներ զօրաւոր էին այդ միջոցին պետութեան առջեւ, եւ անոնց շնորհիւ կը քալէին պատրիարքարանի գործերը առանց շատ զգացնելու պատրիարքին անբաւականութիւնը: Ապտիւլ Մէճիտ կայսր Յովհաննէս եւ Պօղոս Տատեան վառօդապետներու եւ Կարապետ Պալեան ու Յովհաննէս Սերվերեան ճարտարապետներու, ֆէս կոչուած կարմիր գլխանոցին վրայ կրուելիք ոսկի թուղրայի շքանշանն ալ շնորհված էր 1844 ապրիլ 1-ին, որ եւս քան զեւս կը բարձրացնէր անոնց ազդեցութիւնը: Յատուկ պատուասիրութեան նշանակ եղաւ նաեւ վերոյիշեալ չորս ամիրաները եւ Կարապետ եւ Յակոբ փողերապետները իրենց ուղեկից առնելը, երբ 23 օրեայ պտոյտ մը կատարեց 1844 մայիսի մէջ Նիկոմիդիոյ ասուիի գործարանը եւ Պրուսայի հանքային ջուրերը, եւ Տարտանելի նեղուցէն դուրս մինչեւ Միտիլլի կղզին: Բայց ազգային շրջանակին մէջ մտած չէր ամիրայական եւ ժողովրդական պայքարը, եւ ոչ ալ ժողովուրդը հրաժարած էր հանրային գործոց մէջ մտնելու դիտումէն, միայն թէ անցեալին ձախող փորձերը զիրենք կը յորդորէին առաւել պատրաստութեամբ նորէն գործի մտնել, որպէսզի վստահօրէն գործեն եւ յաջողութեան հասնին: Այդ ձեռնարկը չուշացաւ, բայց անոր չանցած պատմենք այս միջոցին տեղի ունեցած նշանաւոր եւ կարեւոր պատահար մը:

2585. ՅՈՎԱԿԻՄ ԹԱՎՈՒՔՃԵԱՆ

Յովակիմ Թավուքճեան, Կ. Պոլսոյ Սամաթիա թաղեցի ժիր երիտասարդ մը, որ յանկարծական բերմամբ 1839-ին իսլամական կրօնք ընդունած էր, շուտով կը զղջայ, գաղտնապէս քրիստոնէութեան կը դառնայ եւ իր հետքը կոսնցնել տալու համար եւրոպական տարազով կը ծպտի եւ կը սկսի անճանաչ ապրիլ մայրաքաղաքին մէջ: Ժամանակը կ՚անցնի բայց յիշատակը չի մոռցուիր, մինչեւ որ գաղտնիքը իմացողներ կը գտնուին եւ կառավարութեան լուր կու տան, եւ մահմետական օրէնքին համաձայն Յովակիմ կը ձեռբակալուի եւ կը բանտարկուի 1843 օգոստոսի սկիզբները: Առաջ խոստումներով, վերջէն տանջանքներով կը փորձուի ընդունած իսլամութեանը վերադառնալ, որպէսզի ազատի մահուան պատիժէն, որուն կ՚ենթարկուին իսլամութեան օրէնքով ամէն անձեր որ իսլամութենէ ետ կը դառնան: Յովակիմ որչափ թեթեւ եղած էր առաջին անգամ իսլամութիւն ընդունելուն մէջ, այնչափ եւ աւելի հաստատուն կը գտնուի երկրորդ անգամ չդառնալու մէջ: Յովակիմի ծնողքներ եւ մերձաւորներ եւ բարեկամներ պատրիարքին կը դիմեն, բայց ոչ Աստուածատուր եւ ոչ ամիրաներ չհամարձակեցան աղաչաւոր լինել առ բարձրագոյն դուռն ծանօթ եւ տիրող օրէնքի մը դէմ: Պատրիարքարանէ անյոյս` աղերսագիր կը մատուցանեն Ռուսիոյ դեսպանին, եւ անոր խորհուրդով դիմում կ՚ընեն նաեւ Անգղիոյ դեսպանին, որ էր Լորտ Քաննինկ, եւ որ իր թարգմանին ձեռքով կը խնդրէ Մեծ եպարքոս Ռէուֆ փաշայէ, զի ի շնորհս երեսաց իւրոց ազատ թողուի հաւատքի համար բանտարկուած երիտասարդը: Եպարքոսը կը խոստանայ երկու օրէն խնդիրը նախարարական ժողովին հանել, եւ կը յուսադրէ յաջող ելքի հասցնել: Ժողովը տեղի կ՚ունենայ, խնդիրը կը քննուի, բայց դենպետը եւ նախարարներէն ոմանք մահմետականութեան անողոքելի օրէնքը կը պաշտպանեն, հակառակ Խաթթըհիւմայունով հռչակուած կրօնքի ազատութեան 2545) եւ անգամ մըն ալ ողոքանք եւ սպառնալիք փորձելէն ետքը օրէնքի գործադրութիւնը կը վճռուի եւ իսկոյն կը գործադրուի: Յովակիմ իր քրիստոնէութիւնը խոստովանելով խոնարհեցոյց զգլուխն առաջի դահճին, որ մէկ հարուածով ընկէց զգլուխն, եւ գետինը փռուած մարմնոյն վրայ եւրոպական փեզոյրն եղաւ ընդ երաստանաւ գլխատելոյն, որոյ ես եղէ ականատես կը յարէ Պէրպէրեան Աւետիս պատմիչը (ՊԷՐ. 277): Գլխատման տեղը եղած է Կ. Պոլսոյ Պալըքբազար դրան առջեւ, եւ օրը 1813 օգոստոս 17 (ՊԷՐ. 516), Վերափոխման երեքշաբթի օրը: Պատմիչը չի յիշուիր թէ ինչ ձեւակերպութիւններ կատարուեցան նահատակին մարմնոյն համար, բայց այժմ կը տեսնենք անոր գերեզմանը Զէյթունպուրնուի Ս. Յակոբի հիւանդանոցին եկեղեցւոյն գաւիթը, շքեղ տապանաքարով եւ յարմար յիշատակարանով պատուուած, որ կը ցուցնէ թէ ժամանակին պատշաճ դիմումներ կատարուէր են, եւ մարմինը պատրիարքարանին յանձնուէր է, եւ նահատակը եկեղեցական պատուով թաղուեր է: Յովակիմի վրայ կենսագրական տեղեկութիւններ ալ չկրցանք տալ, եւ այդ մասին չենք կրնար ցաւ չյայտնել ժամանակակից յիշատակագիրներուն լռութեան վրայ:

2586. ԿՐՕՆԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴԻՐ

Այս սկզբունքով նահատակուած անձերու օրինակներ շատ յիշեցինք պատմութեանս կարգին, սակայն Յովակիմի նահատակութիւնը նշանաւոր եղած է անով, որ նա վերջինն եղած է իսլամական անողոք օրէնքին զոհ գացող նահատակներուն: Իրաւ չէր յուսացուէր որ այլեւս հնօրեայ օրէնքով գործէր տէրութիւնը, որ արդէն 1838-ին Աշխարովացի Վառվառին առիթն աւելի ազատօրէն վարուած էր: Զի թէպէտ իբր մահմետականութեան դարձած ամբաստանուեցաւ 14 տարեկան աղջիկը, եւ բանտարկութեան եւ տանջանաց եւ աքսորանաց մատնուեցաւ, բայց վերջնական խոստովանութեան վրայ ազատ թողուեցաւ, (ՊԷՐ. 266): Այս նախընթացին եւ Թանզիմաթի պահանջին վրայ Յովակիմի նահատակութիւնը մեծապէս գրգռեց անգղիական դեսպանը, ոչ միայն ընդհանրապէս կրօնափոխութեան խնդիրին տեսակէտէի, այլ մասնաւորապէս իրեն տրուած վստահութեան դրժուելուն երեսէն: Քաննինկ բոլոր քրիստոնեայ դեսպանները յորդորեց եւ համաձայնութիւն գոյացուց օսմանեան կառավարութեան բողոքելու` քաղաքականութեան պահանջից հակառակ օրէնքով վարուելուն համար: Ըստ այսմ իւրաքանչիւր դեսպան իրողութիւնը իր տէրութեան հաղորդելով յատուկ հրահանգներ խնդրեց, եւ ամէնքն ալ հաւանեցաւ ազդու կերպով գործին հետեւիլ: Յովակիմի նահատակութենէն յետ հնգից ամսոց, որ է 1844 յունուարին, դեսպաններ միաձայնութեամբ պահանջեցին իսլամական այդ օրէնքին խափանումը, կրօնափոխութեան ազատութիւնը, եւ հաւատքի պատճառով դատապարտութեանց արգիլուիլը: Միահամուռ քրիստոնէութեան բողոքը ազդեց օսմանեան կառավարութեան վրայ, որուն գործոց գլուխը սկսած էին գտնուիլը եւրոպական կրթութեամբ զարգացեալ անձեր: Մեծ ժողովներ գումարուեցան, դենպետի եւ իսլամական կրօնագէտներու եւ օրէնսգէտներու ներկայութեամբ, եւ պետական փաստերը զօրացան կրօնամոլ պահանջներու վրայ, եւ սկզբամբ ընդունուեցան եւրոպացւոց առաջարկութիւնները եւ վստահութիւն տրուեցաւ ըստ այնմ գործելու: Միայն հրապարակաւ օրէնք մը հրատարակելու համար եօթնամեայ ժամանաակ խնդրուեցաւ, մինչեւ որ իսլամ ռամիկը հնար լինի հրահանգել եւ համոզել, որպէսզի չըլլայ թէ աղմուկ մեծ ծագի, որ կրնար ըլլալ աղետալի ի վնաս քրիստոնեայ ազգաց (ՊԷՐ. 278): Այդ որոշումը դեսպաններու հաղորդուեցաւ 1844 փետրուար 21-ին (ՊԷՐ. 518), եւ դեսպաններ բաւականացան այդ յայտարարութեամբ: Կառավարութիւնն ալ իր կողմէ օրէ օր աւելի թոյլատու գտնուեցաւ ոչ միայն կրօնափոխութեան առիթներու մէջ, այլեւս սկսաւ ներել որ եկեղեցիներ առաջիններէն աւելի վայելուչ եւ պայծառ շինութեամբ կառուցուին եւ զանգակատուններ ունենան, եւ կրօնից ազատութիւնը իր ամէն պարագաներով իրականանայ: Յովակիմ Թավուքճեան նահատակին անունը կապուած է բարեյաջող փոփոխութեանց հետ, իբրեւ սկզբնապատճառ կրօնից ազատութեան սկզբունիքին ընդարձակուելուն, եւ շատ մը անախորժ եղելութեանց դադրելուն, եւ իբրեւ վերջին նահատակ եւ վերջին զոհ իսլամական անողոք օրէնքին:

2587. ՄԱՏԹԷՈՍ ՉՈՒԽԱՃԵԱՆ

Ըսինք արդէն թէ ազգային գործերը հետզհետէ զայրացած վիճակ մը առնել սկսած էին, եւ ամիրայական խումբը թէպէտ իշխանութիւնը ձեռքն ունէր, այլ ժողովրդական բուռն ընդդիմութեանց եւ գործերու մէջ մեծ դժուարութեանց դիմաց կը գտնուէր, եւ կացութիւնը աւելի կը ծանրանար պատրիարքական աթոռին վրայ նստող անձին ապիկարութենէն: Աստուածատուր պատրիարքի անձը ոչ միայն ոյժ մը չէր ներկայեր, այլեւ ամիրաները զայրացուցեր էր, որոնք այլեւս չէին կրնար տանիլ զանխոհեմութիւն նորա եւ զզայրացկոտ բնաւորութիւն նորա, եւ զանվայել խօսս ի քարոզի եւ ի խօսակցութեան: Վերջապէս պատրիարք փոխելու հարկը զգացին, միանգամայն այնպիսի անձ մը աթոռ բարձրացնել որ ժողովրդական համակրութիւն վայերէր, եւ երկու կողմերը միանգամայն շահելու ճարտարութիւն ունենար: Ժողովի գումարուեցան 1844 յունիս 28-ին Յարութիւն Երկանեանի նախագահութեամբ, որ ազգային գործերու անկարգութիւնը պատկերացուց, բոլոր պատասխանատուութիւնը Աստուածատուրի վրայ ծանրացուց, եւ այլեւս անոր գլխաւորութեամբ գործելու անհնարութիւնը բացատրեց: Ժողովը հաւանեցաւ եւ նոյնժամայն երկու ամիրաներ պատրիարքին ներկայանալով հրաժարագիրը պահանջեցին, զոր անհակառակ տուաւ Աստուածատուր, եւ գիրը իսկոյն մատուցուեցաւ բարձրագոյն դրան, բերանացի ալ գործադրութիւնը խնդրելով մեծ եպարքոսէն եւ արտաքին գործոց ու կրօնից նախարարէն: Յուլիս 1-ին ստացուեցաւ Աստուածատուրի հրաժարականին ընդունուելուն եւ նոր պատրիարքի ընտրութեան արտօնուելուն պաշտօնագիրը, եւ նոյն օր ամիրաներ ընտրողական ժողով կազմեցին եւ պատրիարք ընտրեցին Զմիւռնիոյ առաջնորդ Մատթէոս եպիսկոպոս Չուխաճեանը, եւ մինչեւ որ նա հասնէր Յովհաննէս վարդապետ Սեթեան իբրեւ տեղապահ պաշտօնաւարեց (ՔԷՉ 117): Մատթէոսի ընտրութիւնն իսկ կը նշանակէր որ ամիրաներ ալ ձանձրացած եւ յօգնած էին ժողովրդական ներքին պայքարէն, եւ համերաշխ գործակցութեան կերպ մը կը փնտռէին, զի Մատթէոս յայտնի էր իբր ժողովրդական կուսակցութեան մարդ: Բնիկ Կ. Պոլսեցի, 1802-ին ծնած, որ է ըսել արդէն 42 տարեկան եղած, ծանօթ էր իբրեւ ուսումնասէր եւ ուսումնական եկեղեցական մը, որ գրական աշխատութիւններ ալ ունէր, եւ Ստեփանոս Աղաւնի պատրիարքին հրամանով աշխատակցած էր Գրիգոր Փէշտիմալճեանի 1834-ին կատարած Յայսմաւուրքի տպագրութեան` համայձայն Տէր-Իսրայէլի ընտրելագոյն օրինակին (ՅԱՍ. Ա. Դ): Միւս տարին 1835-ին Պրուսայի առաջնորդութեան էր ընտրուած, եւ 1838-ին եպիսկոպոսութեան բարձրացած Կարբեցիի ձեռնադրութեամբ, եւ 1841-է ի վեր Զմիւռնիոյ առաջնորդ կը գտնուէր, եւ կարող եւ գործունեայ անձի եւ Հայ Եկեղեցւոյ դաւանութեան նախանձայոյզ պաշտպանի համբաւը կը վայելէր: Քիչ օր առաջ ալ, կայսեր Միտիլլի գտնուած միջոցին, եկեղեցական եւ աշխարհական հետեւորդներով հոն գացած եւ կայսեր ներկայացած եւ պարգեւներով պատուուած էր: Պետական հաստատութիւնը շուտով ստացուեցաւ, եւ երկու եկեղեցականներ եւ մէկ կառավարական պաշտօնեայ մը հրաւիրակ գացին Զմիւռնիա, որոնց հետ նոընտիրը Կ. Պոլիս հասաւ յուլիս 17-ին երկուշաբթի օր, եւ պատրիարքարան հանդիպելով իսկոյն շքեղ հանդէսով բարձրագոյն դուռ գնաց եւ պատուուեցաւ, եւ զինուորական ընկերակցութեամբ Մայրեկեղեցի դառնալով կայսեր եւ նախարարաց համար բարեմաղթութեանց ատենաբանութիւն ըրաւ, եւ բազմութիւնը օրհնեց (ՊԷՐ. 522): Ժողովուրդը խնդրութեամբ ողջունեց Մատթէոսը, որուն ժողովրդական ազգասիրութիւնը կը ճանչնար, եւ մեծամեծ յոյսեր կը սպասէր անոր պաշտօնաւարութենէն: Մատթէոսի նկարագրին գալով, Պէրպէրեան պատմիչ որ անոր շատ մօտիկն ու շատ մտերիմը եղած է, եւ միշտ անոր արժանիքը կը բարձրացնէ, միեւնոյն ատեն համարձակօրէն կը խոստովանի թէ միանգամայն փառասէր էր եւ նախանձոտ ընդ փառս այլոց, եւ հաստատ յառաջադրութիւն մտաց իւրոց, զոր ոչ կամէր փոխել, թէեւ լինէր ինքեան այն վնաս մեծ (ՊԷՐ. 281):

2588. ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՊԱՆԱԿԷ

Մատթէոս իր եռանդուն գործունէութեան առաջին նշանը տուաւ իր առաջին պատարագին մէջ, զոր մատոյց յառաջիկայ կիրակէին, որ յուլիս 17-էն ետքը կ՚իյնայ 1844 յուլիս 23-ին Վարդավառի չորրորդ կիրակէին, զի անակնկալ կերպով յիշատակեց Ներսէս կաթողիկոսին անունը, թէպէտ 1828-էն ասդին ռուսեւթուրք պատերազմին սկսելէն իվեր, Տաճկահայք չէին յիշեր Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին անունը (ՊԷՐ. 281). Եփրեմի անունին յիշատակութիւնը ընդհատուած էր, իսկ Յովհաննէսի անունը երբեք չէր յիշատակուած: Թէպէտ եւ ըսուած է որ յիշատակութեան դադարումը եղած է հրամանաւ բարձրագոյն դրան (ՊԷՐ, 282), սակայն այդպիսի հրամանի մը հետքը չենք գտած, եւ չենք ալ կարծեր որ օսմանեան կառավարութիւնը պաշտօնական մտադրութիւն դարձուցած ըլլայ այդ մասին, եւ հաւանականագոյն կը կարծենք որ պարզապէս խոհական զգուշաւորութիւն մը եղած ըլլայ Կարապետի օրէն սկսելով, ապա թէ ոչ Մատթէոս ալ պիտի չկարենար այս կերպով յիշատակելու համարձակիլ: Կարբեցիի օրով եղած բանակցութիւններն ալ ցուցուցին արդէն, որ ոչ թէ պետական պահանջ մըն էր անոր չյիշատակուելուն պատճառը, այլ խոհական զգուշաւորութեան ներքեւ ծածկուած վերապահութիւն մը, նկատելով կաթողիկոսին կենդանութեան ատեն ուրիշ կաթողիկոսի մը աթոռ բարձրանալը, որ միտքերը վրդոված էր, եւ առանց Տաճկահայոց գիտակցութեան եւ հաւանութեան կաթողիկոսանալը, որ իրաւամբ բռնաբարում ըմբռնուած էր (04. ԲԱԶ. 351): Մատթէոս յիշատակութիւնը կատարելէն ետքը շնորհաւորութեան եւ հպատակութեան գիր ալ ուղղեց Ներսէսի, զոր ստացաւ նա Բետրբուրգ գտնուած միջոցին, եւ կայսրն ալ մեծապէս գոհ մնալով Տաճկահայոց կողմէ Էջմիածնի աթոռին հանդէպ ցուցուած վերաբերութենէն, ուզեց Ս. Աննայի առաջին աստիճանի շքանշանը շնորհել Մատթէոս պատրիարքին: Այլ Ներսէս մտածելով որ մի' գուցէ օսմանեան շրջանակներու մէջ լաւ տպաւորութիւն չընէ, առաջարկեց իր կողմէն ադամանդեայ պանակէ յղել, զոր եւ յանձնեց արտաքին գործոց նախարարին, եւ դեսպանին ձեռքով յանձնուեցաւ Մատթէոսի (04. ԲԱԶ. 351): Պանակէ եկեղեցական շքանշանին անունը Պանաիա կամ Պանակիա = Աստուածածին բառէն առնուած է` Աստուածամօր եւ երբեմն ալ Փրկչի կիտուածոյ պատկեր ունենալէն ականակուռ շրջափակի մէջ, որ որթոտոքս եպիսկոպոսներու կը շնորհուէր վիզէն շղթայով կախուած կուրծքին վրայ կրելու համար: Ասոր կիրառութիւնը սովորական դարձած էր ռուսահայ եպիսկոպոսներու մէջ ալ, իսկ Տաճկահայոց մէջ այս առաջին անգամ մուտ կը գտնէր, եւ կիրառութեան նորութեանը պատճառով Մատթէոս պատրիարք հարկ սեպեց զայն ներկայացնել արտաքին գործոց եւ կրօնից նախարար Ռէշիտ փաշայի, որ կայսեր ալ ներկայացուց, եւ այնպէս 1847 մարտ 27-ին արտօնուեցաւ պանակէի կիրառութիւնը, եւ սովորական դարձաւ Տաճկահայոց մէջ ալ: Պանակէի հետ օրհնութեան կոնդակ ալ յղած էր Ներսէս գովելով զխոհականութիւն պատրիարքին (ՊԷՐ. 282): Այս կոնդակին հանդիսաւոր ընթերցման համար ազգային մեծ ժողով գումարեց Մատթէոս 1844 սեպտեմբեր 14-ին (ՊԷՐ. 524), Խաչի պահոց հինգշաբթի օրը, ուր կրօնականաց եւ աշխարհականաց բարեհաճութեամբ եւ ստորագրութեամբ որոշուեցաւ այսուհետեւ Մայրաթոռոյ կաթողիկոսին անուան յիշատակութիւնը կատարել առ հասարակ յեկեղեցիս Հայոց յօսմանեան տէրութեան, ինչպէս որ անխափան կը կատարուի մինչեւ ցայսօր, թէ պատարագի Եւս առաւել յիշատակութեան եւ Գոհութիւն քարոզին եւ թէ ժամերգութեան Ասասցուք քարոզին, եւ պատահաբար յատուկ գանձերու մէջ: Միանգամայն Էջմիածնի Մայրաթոռին եւ Կ. Պոլսոյ պատրիարքական աթոռին փոխադարձ յարաբերութիւնները ճշդելու համար որոշուեցաւ որ երկու աթոռները իրարու հետ ուղղակի յարաբերութիւն պահեն եւ ոչ թէ իւրաքանչիւր վիճակ առանձինն, որ Կ. Պոլսոյ պատրիարքը նկատուի փոխանորդ եւ նուիրակ եւ գանձապետ Մայրաթոռոյ, մէկ խօսքով միակ եւ լիազօր ներկայացուցիչ Էջմիածնի, որ նուիրակներու երթեւեկը դադրի, եւ նուէրներ եւ գանձանակադրամներ պատրիարքին ձեռքով հաւաքուին եւ զրկուին, որ միւռոնը պատրիարքին յղուի, եւ անկէ վիճակներու բաշխուի, իսկ մինչեւ ցարդ առկախ մնացած գործեր եւ հաշիւներ փակուած համարուին, եւ անոնց մասին այլեւս խնդիր չյուզուի: Մատթէոս պատրիարք օրհնութեան կոնդակին շնորհակալութեան հետ, հաղորդեց յիշատակութեան համար տրուած որոշումը եւ յարաբերութեանց մասին առաջարկուած ձեւերը, որոնց մէջ թէպէտ Էջմիածնի դիւր չգալիք կէտեր կային, բայց Ներսէս լաւ գիտեր Օսմանեանց կողմէ Ռուսաց հանդէպ տիրող հակակրութիւնը, եւ իրաւունս ետ Կ. Պոլսոյ ժողովոյն կարգադրութեան (ՊԷՐ. 282), որ նոյն կերպով կը շարունակուի մինչեւ հիմա: Պանակէի տուչութիւնը որ մինչեւ սուլտանին ելաւ, ինչպէս յիշեցինք, անոր եւ նախարարութեան միտքն արթնցուց օսմանեան կառավարութեան կողմէ ալ եկեղեցական աւագանին շքանշանով պատուասիրել: Արդէն Յունաց, Հայոց, Կաթոլիկաց եւ Հրէից չորս ազգապետները բարձրագոյն ադամանդեայ շքանշանով պատուուած էին, կայսեր քրոջ Ատիլէ սուլտանուհւոյն Մէհմէտ Ալի փաշայի հետ ամուսնութեան առթիւ (ՊԷՐ. 308). իսկ այս անգամ վեց շքանշաններ դրուեցան պատրիարքի տրամադրութեան տակ, զորս նա յղեց Կիլիկիոյ կաթողիկոսին, եւ Արմաշի, Պրուսայի, Զմիւռնիոյ, Եւդոկիոյ եւ Մշոյ առաջնորդներուն (ՊԷՐ. 313):

2589. ՄԱՏԹԷՈՍ ԵՒ ԲՈՂՈՔԱԿԱՆՔ

Պատմեցինք իր կարգին բողոքականութեան մուտքը Հայոց մէջ 2541), եւ Յակոբոս պատրիարքի անոնց դէմ ձեռք առած խստութիւնները, զորս պարտաւորուեցաւ մեղմել բողոքական պետութեանց դիտողութեանց վրայ, որով բողոքականութիւնը դիւրութիւն ունեցեր էր հետզհետէ ընդարձակուիլ, մանաւանդ Աստուածատուրի իբր երեքամեայ պատրիարքութեան միջոցին: Հրապուրիչ քարոզութեանց եւ դպրոցական հաստատութեանց միջոցներուն աւելցած էր դրամական օգնութեանց միջոցը, ոչ միայն աղքատներու եւ պարտապաններու առձեռն ողորմութիւններով, այլեւ կարօտներու ամսական նպաստներով: Ժողովրդական հրատարակութեանց ալ ձեռնարկեցին, եւ մանր տետրակներ կը ցրուէին ժողովուրդին մէջ, որոնցմով կը խծբծէին Հայ Եկեղեցւոյ դաւանական եւ կանոական սկզբունքները, եկեղեցւոյ խորհուրդները, սրբոց բարեխօսութիւնը, մասունքներու եւ պատկերներու յարգութիւնը, պահոց կանոնները եւայլն, եւ բաւական ընդունելութիւն կը գտնէին նորութեանց զակատեալ եւ թեթեւութեամբ խորհող ազգայիններու մէջ: Մատթէոս պատրիարք որ նախանձայոյզ պաշտպան մը եղած էր ազգային եկեղեցւոյ սկզբունքներուն, սաստիկ զգածուեցաւ իրաց այս վիճակէն երբ պատրիարքական աթոռ բարձրացաւ, մանաւանդ երբ ծխատէր քահանաներէ հաւաքած տեղեկութիւններով իմացաւ որ 8000-ի կը հասնին մայրաքաղաքի մէջ բողոքականութեան յարողներ (ՊԷՐ. 297): Իսկոյն պաշտպանողական գործունէութիւնը ձեռք առաւ, միամտութեամբ խաբուողներ լուսաբանելու, կարօտութեան երեսէն համակերպողներուն օգնելու, եւ ծխատէրներու ձեռքով կարեւոր կարգադրութիւններն ընելու: Ամէն կիրակի ժամս երկուս եւ երիս խօսէր յատենի սուրբ եկեղեցւոյ, Մայրեկեղեցւոյ մէջ առանձին սենեակ մը բացած էր տարակոյս ունեցողներու կամ վիճաբանիլ ուզողներ հետ զբաղելու համար թէ բանիւ եւ թէ գրով, եւ նոյն սենեակին գլուխ կարգեց Յովհաննէս պատուելին, որ ժամանակին մեծ կրօնագէտն էր: Ձեռք առնուած միջոցները իրենց արդիւնքն ունեցան, եւ շատեր սկսան յետս կասիլ բողոքական ուղղութենէն, այնպէս որ Նիկոմիդացի Վրթանէս Չըրթըլեան քահանան 2541), որ 1835-ին սկիզբները քահանայագործութենէ արգիլուած, եւ Արմաշ ու յետոյ Կեսարիա ապաշխարութեան յղուած, եւ օգոստոսին վերադարձած Նիկոմոիդիա կը գտնուէր, փութաց Կ. Պոլիս գալ բողոքականութեան կացութիւնը ամրացնելու. պատրիարքին ալ ներկայացաւ, վիճաբանութեան ալ մտաւ, բայց Մատթէոսի դիմադրութեանց առջեւ տկարանալով, անդուռն լուտանքներու, խաչափայտը ատաղձավաճառի ապրանք եւ Աստուածածինը լկտի կին կոչելու հասաւ (ՊԷՐ. 298): Հազիւ այս խօսքերը լսուեցան գրգռութիւնը զայրացաւ, ստորին խաւերն ալ հասաւ, եւ ամէն կողմէն դիմումներ եւ բողոքներ հասան պատրիարքին` հայհոյիչ բերանը կարկելու: Մատթէոս պատշաճը խորհելու համար 1846 յունուար 12-ին շաբաթ օր, խորհրդակցութեան հրաւիրեց Կարապետ Պալաթցի նախկին պատրիարքը, Յովհաննէս Զմիւռնացի Երուսաղէմի փոխանորդը, եւ վարդապետներու երիցագոյնը Յովհաննէս Խասքէօյի քարոզիչը, եւ նոյն օր որոշուեցաւ եւ խմբագրուեցաւ Չըրթըլեանի բանադրանաց կոնդակը որ կոչուած է չիք եւ թշուառ Իզնիմիտցի Վրթանէս քահանայ, Պօղոս Գարագօչեանէ ձեռնադրուած, եւ որուն անարժան գործերը յիշուելէն ետքը կը վճռուի, թէ մերժեցաք զդա եւ արգելաք մտանել ի խումբս հաւատացելոց մերոց, եւ կտրեցաք զքահանայութիւն սորա ընդ մէջ բանիւն Աստուծոյ (ՊԷՐ. 302): Կոնդակը յաջորդ կիրակի եւ Ծնունդի ութօրէից օրը, Կ. Պոլսոյ եկեղեցիներու մէջ կարդացուեցաւ, եւ նոր բանադրանաց կոնդակ պատրաստուեցաւ ընդհանուր բողոքականաց դէմ, որուն մէջ յանուանէ յիշուած էին, Ոսկան անհաւատն, Պօղոս եւ Յովսէփ Գամաղիէլեանք, Աբիսողոմ Իւթիւճեան, Կարապետ Միրիքէլամ եւ Ստեփան Քէրէստէճեան, որ կարդացուեցաւ Կ. Պոլսոյ մէջ յաջորդ կիրակին 20-ին, եւ բոլոր Թուրքիոյ վիճակներն ալ ղրկուեցաւ ու կարդացուեցաւ: Երրորդ կոնդակ մըն ալ հրատարակեց Մատթէոս նոյն տարւոյ յունիս 9-ին, եւ աշխատեցաւ բողոքականաց հաստատութիւնները, նոյնիսկ Պէպէքի մեծ վարժարանն ալ փակել տալ, բայց իր ջանքերը աւելի եւս գրգռեցին բողոքականութեան յարողները (01. ՕՐԱ. 220):

 

2590. ԲՈՂՈՔԱԿԱՆ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Բողոքական պետութեանց Անգղիոյ եւ Բրուսիոյ եւ Ամերիկայի դեսպանները սկսան շահագրգռուիլ Հայոց պատրիարքարանի կողմէ իրենց դաւանութեան դէմ բացուած հալածանքին մասին, եւ Հայոցմէ բողոքականութեան յարողներ եւս քանզեւս գրգռեցին դեսպանները, աշխատելով նոյնիսկ Եւրոպիոյ բողոքականները պատրիարքարանէ նախատուած ցուցնել: Օսմանեան կառավարութեան ալ բողոքներ տուին թէ պատկերապաշտութեան դէմ ըլլալնուն համար կը հալածուին, զի ուրիշ խնդիրով չէին կրնար զայն շահագրգռել: Բանադրեալներէ խորշելու հրամանին հետեւանօք զիրենք որդւոք եւ ընտանեօք կարօտեալ եւ սովալլուկ ցուցուցին, եւ հայ ջրհանակիրներու եւ բեռակիրներու զիրենք նեղելու եւ գանակոծելու հրաման տրուած կարծեցուցին: Քաննինկ անգղիական դեսպան իր կողմէն ալ բողոքներ մատոյց յանուն բողոքականութեան Հայոց պատրիարքին դէմ, պահանջելով անոր յանդգնութիւնը զսպել: Բանադրուածներ դեսպանի հրահանգով արտաքին գործոց եւ կրօնից նախարար Ռէշիտ փաշային ալ ներկայացան, բայց Ռէշիտ զայրացաւ անոնց յանդուգն կերպարէն, եւ մեղադրեց փոխանակ կառավարութեան` օտարին դիմելնին (ՊԷՐ. 305): Միւս կողմանէ պատրիարքը առանձինն կոչելով յանդիմանէ զնա բանադրանացն, բայց Մատթէոս ինքզինքը կ՚արդարացնէ անոնց կողմանէ ըսուած ապերասան եւ հայհոյիչ խօսքերը պատմելով, նոյնիսկ Մարիամ Աստուածածնին դէմ, զոր մահմետականներն ալ կը պատուեն: Ասոր վրայ Ռէշիտ խորհուրդ տուաւ երթալ Քաննինկի ալ եղելութիւնները պատմել, եւ Մատթէոս իրեն նախածանօթ անգղիական Ովրատիոս Սաւթգէտ եպիսկոպոսին դիմեց (01. ՕՐԱ. 220). եւ ընդարձակ բացատրական նամակ մըն ալ ուղղեց եկեղեցական սկզբունքներու եւ իր ընթացքին վրայ (ԱԶԳ. Գ. 73-75), եւ անոր միջնորդութեամբ ինքզինքնին բողոքական հռչակողներուն` Աստուածածնի եւ խաչի եւ մկրտութեան եւ պատարագի դէմ խօսածները, որոնց ինքն պաշտպանութիւն կընէր, եւ այդ մասին հայկական եկեղեցւոյն համամիտ էր անգղիական եկեղեցին ալ, որուն կը պատկանէին դեսպանն ու եպիսկոպոսը: Լիովին շինուեցաւ դեսպանին միտքը, որ պարտք սեպեց իր թարգմանին ձեռքով Ռէշիտի հաղորդել, թէ ինքն պատրիարքին դէմ գանգատ չունի, յանձնարարելով միանգամայն որ եթէ ուրիշներ ամբաստանեսցեն, զնմանէ մի հաւատասցէ նոցա: Անգղիական եպիսկոպոսը մինչեւ իսկ հրատարակութեան տուաւ Մատթէոսի նամակը, իր կողմանէ ալ յայտարարութիւն մը աւելցնելով, թէ բողոքականութեան հետեւողներն են խառնուրդք իմն անհաւատութեան եւ արմատական աղանդոց, խանգարիչ կանոնաց եկեղեցւոյ եւ ամենայն սկզբնական ճշմարտութեան (ԱԶԳ. Գ. 72): Մատթէոսի ընթացքը ոչ միայն հաճելի եղաւ անգղիական դեսպանատան եւ եպիսկոպոսարանին, այլ գովուեցաւ ալ օսմանեան կառավարութենէն, եւ վերիվերոյ բողոքականներէն շատ շատեր ետ կեցան իրենց թեթեւութենէն, եւ 912 հոգիներ հաշուուեցան այն ատեն իբրեւ տիրապէս բողոքականներ (ՊԷՐ. 307): Անոնցմէ 40 գլխաւորներ 1846 յունիսին ժողովի գումարուելով իրենք իրենց պաշտօնական ձեւ տւին, Կոստանդնուպոլսոյ առաջին աւետարանական եկեղեցին կազմեցին, եւ Աբիսողոմ Իւթիւճեանը իրենց առաջին հովիւ ընտրեցին (01. ՕՐԱ. 220), եւ յանդուգն ձեռնարկները ու անտեղի յարձակումները չափաւորելով խոհական եւ հանդարտ գործունէութեան ձեռնարկեցին: Այս ընթացքը աւելի օգտակար եղաւ իրենց, զի խազմարար ամբոխի ձեւէն հանդարտ հասարակութեան կերպը սկսան ցուցնել, եւ բողոքական դեսպաններ աւելի համակրութեամբ սկսան վարուիլ եւ գործնական պաշտպանութիւն ցուցնել: Աբիսողոմ Իւթիւճեանի 1847 փետրուար 28-ին մեռնելուն վրայ Սիմոն եղբայրը անոր յաջորդեց, եւ անոր գլխաւորութեամբ ինքնուրոյն եւ անկախ հասարակութեան ձեւն եւ իրաւունքները ստանալու ձեռնարկներ եղան: Լորտ Քօուլէյ որ առժամեայ կերպով անգղիական դեսպանութիւնը կը վարէր, Ամերիկոյ Քէր եւ Բրուսիոյ Լըքօք դեսպաններու հետ միացած, եւ կաթոլիկներու համար եղած կարգադրութեան վրայ հիմնուելով 2434), օսմանեան կառավարութենէն խնդրեց եւ ստացաւ բողոքականներու համար ինքնուրոյն հասարակութեան իրաւունքը, որ եւ հաստատուեցաւ 1847 հոկտեմբեր 3-ի կայսերական հրովարտակով (01. ՕՐԱ. 220): Բողոքական հասարակութիւնը, պաշտօնական կոչմամբ Բրօթէսթան միլէթի, լոկ դաւանութեան վրայ հիմնուած է առանց ազգութեանց տարբերութեան, եւ բոլոր օսմանեան հպատակ բողոքականներ, ինչ ազգէ ալ ըլլան, միեւնոյն հասարակութեան կը պատկանին, եւ այսպէս ալ պահուած է մինչեւ այսօր: Նմանապէս բողոքականութիւնը իր մէջ միակ եւ միապաղաղ կրօնական մարմին մը չէ, այլ բազմաթիւ յարանուանութիւնները ունի իր մէջ. սակայն Թուրքիոյ պետական կազմակերպութեան առջեւ որեւէ յարանուանութենէ եղողներ, եպիսկոպոսականք, երիցականք, լուտերականք, աւետարանականք, մկրտականք, շաբաթականք, եւ այլ միեւնոյն հասարակութեան կը պատկանին: Իսկ հայ բողոքական կոչումը, որ մեր մէջ մտած է, պարզապէս մեծամասնութեան հայերէ կազմուած ըլլալէն ծագում առած է, եպե թէ ոչ տիրապէս հայ չէ բողոքական հասարակութիւնը: Ամէն հասարակութեան պետը նոյնին եկեղեցական պետն է եղած, բայց բողոքականութիւնը եկեղեցական նուիրապետութիւն չունենալուն եւ միակ կրօնական մարմին չըլլալուն, վէքիլ կամ փոխանորդ անունով աշխարհական մէկ մի նոր հասարակութեան իբր գլուխ ճանչցուեցաւ օսմանեան կառավարութենէ, եւ առաջինն եղաւ վերեւ յիշուած Ստեփան Քէրէստէճեան կամ Ստեփան Սերոբեան, հարազատ եղբայր Սերոբեան Յակոբոս նախկին պատրիարքին, որ այն ատեն Մարսուանի եւ Ամասիոյ առաջնորդութիւնը կը վարէր, եւ տարի մը ետքը նորէն պատրիարքութեան դարձաւ, եւ երկու եղբայրներ դէմառդէմ գտնուեցան: Բրօթէսթան կամ բողոքական հասարակութեան պետին վէքիլ կոչումը, մեր մէջ սովորաբար ազգապետ անունով փոխանակուած է, թէպէտ ոչ բողոքականութիւնը ազգութիւն է, եւ ոչ անոր կազմութիւնը ազգային է:

2591. ՓՈԽԱԴԱՐՁ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Վերագոյնդ յիշեցինք թէ Ատիլէ սուլտանուհւոյ հարսանեաց առթիւ, ադամանդակուռ մեծ շքանշանով պատուուած էին պատրիարքները 2588): Հարսանիքը տեղի ունեցած էր 1845 ապրիլ 18-ին (ՊԷՐ. 528), եւ նոյն օր Ապտիւլ Մէճիտ կայսր իր ներկայութեան ընդունելով պատրիարքները, յորդորած էր որ դուք ազգապետքդ գովելի քաղաքականութեամբ եւ հեզահամբոյր բարուք պատուասիրէք եւ յարգէք զմիմիանս երթեւեկութեամբ եւ մեծարանօք (ՊԷՐ. 309): Մատթէոս պատրիարք որ յոյնին տաճկախօս չլինելուն պատճառով պատշաճ պատասխանը խօսեր էր կայսեր առջեւ ամենայն բարեմաղթութեամբ, ուզեց առաջին ալ ըլլալ փոխադարձ յարաբերութիւնները սկսելու մէջ, եւ ինք նախ Յունաց Մելիտոս պատրիարքին այցելեց Վոսփորի վրայ Առնավուտքէօյի ամարանոցը յունիս 8-ին Հոգեգալստեան ուրբաթ օրը, եւ մեծ արժանաւոր յարգութեամբ եւ մեծարանօք ընդունուեցաւ: Երրորդ օրը յունիս 11 երկուշաբթի օր փութաց Մելիտոս այցելութիւն դարձնել Գումքաբուի պատրիարքարանը, երկու եպիսկոպոս եւ վեց վարդապետ հետեւորդներով, Մայրեկեղեցին ալ մտաւ, երկրպագեց, աղօթեց եւ օրհնեց եւ մեծարեցաւ յոյժ արժանաւոր յարգութեամբ (ՊԷՐ. 310): Ասոր վրայ կաթոլիկ պատրիարքարանն ալ փութաց օրինակին հետեւիլ, եւ Անտոն Հասունեան եպիսկոպոս, որ Եսայեան Կարապետ պատրիարքին յաջորդած էր սոյն 1845 տարւոյ ապրիլ 3-ին (01. ՊԷՐ. 218), Գումքաբուի պատրիարքարանը այցելեց յունիս 15-ին, բայց Մայրեկեղեցի չմտաւ, որով գայթակղեցոյց զժողովուրդն Հայոց (ՊԷՐ. 310): Իսկ Մատթէոս այցելութիւնը փոխանակեց Ղալաթիոյ պատրիարքարանը: Հրէից րաբունապետն ալ իր կարգին եկաւ Գումքաբուի պատրիարքարանը վեց րաբունիներով եւ երեք աշխարհական մեծամեծներով, որուն այցելութիւնը դարձուց Մատթէոս Պալաթի ազգապետարանը յունիս 18-ին: Մինչեւ այս ատեն երբեք սովորութիւն չէր եղած որ պատրիարքներ իրարու այցելեն, եւ Մատթէոսի նախաձեռնութեամբ սկսած նորութիւնը շարունակեց առաջիկային եւ օգտակար հետեւանքներ ալ ունեցաւ: Հայոց պատրիարքարանը սկսաւ աւելի ճանչցուիլ եւ մտադրութեան արժանի պաշտօնատուն մը դարձաւ, որուն փափաքեցան ծանօթանալ Կ. Պոլիս եկող արքայազուն հիւրերն ալ: Կոստանդին մեծ դուքս Ռուսիոյ արքայորդին Գումքաբու եկաւ յունիս 13-ին չորեքշաբթի օր ռուսական եւ օսմանեան բազմաթիւ հետեւորդներով, որոնց մէջ էր եւ հռչակաւոր հայազգի ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքի: Եկեղեցի ալ մտաւ եւ աղօթեց, պատրիարքարանի մէջ մեծարուեցաւ, եւ անկէ Եէտիգուլէի ազգային հիւանդանոցն ալ այցելեց (ՊԷՐ. 532), եւ 27-ին Պրուսա անցնելով երեք օր օթեւանեցաւ Հայոց առաջնորդարանը, եւ պատուուեցաւ առաջնորդ Քէրէստէճեան Գէորգ վարդապետէն: Ռուսիոյ արքայորդիէն ետքը Գաղղիոյ արքայորդին Մոնբանսիէ դուքսը, Կ. Պոլիս այցելելուն առթիւ, նա ալ օգոստոսի մէջ այցելեց` Հայոց Գումքաբուի պատրիարքարանը, եւ հետաքրքրուեցաւ Հայոց վիճակին վրայ, ցաւով լսեց Զմիւռնիոյ հրդեհելոց խեղճութիւնը, որոնց եւ առատապէս նպաստեց հոն գացած ատենը, եւ առանձինն շնորհակալեաց ընծայ տուաւ Տատեան Յովհաննէս վառօդապետին, որուն խնամքը տեսած էր երբ առջի գալուն պարտաւորուած էր վեց օր զգուշարանի ենթարկուիլ Այօսթէֆանօ գիւղը (ՊԷՐ. 530): Այցելութեանց յիշատակութիւնները փակենք Մատթէոսի նոյեմբեր 27-ին Յունաց նորընտիր Անթիմոս պատրիարքին երթալովը, որ յաջորդած էր վախճանեալ Միլիտոսի:

2592. ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒՄ

Շքանշաններու ընդունելութեան հետեւող այցելութիւններ` պատրիարքներու շրջանակէն դուրս ալ կատարուեցան, եւ նախարարութեանց ալ պատշաճ էր պարտուպատշաճ շնորհակալութիւնը յայտնել: Մատթէոս այդ ձեւակերպութեանց մէջ ալ չթերացաւ, 1845 յունիս 5-ին այցելութեան գացած էր մեծ սպարապետ Ռիզա փաշայի անոր Քատըքէօյի ապարանքը: Այդ պատեհով խօսքը եկաւ ուսմունքները քաջալերելու մասին, եւ Հայոց բացած ճեմարանին վրայ, որ 1841 հոկտեմբեր 3-էն ի վեր փակուած էր 2548), եւ պարապ շէնքը 1843-ին զինուորական հիւանդանոցի վերածուած էր: Սպարապետը հաւանեցաւ պատրիարքը հաճեցնել, որուն վրայ Մատթէոս միւս օրը յունիս 6-ին արտաքին գործոց եւ կրօնից նախարար Շէքիպ էֆէնտիի ալ նոյն խնդրանքը կրկնեց, եւ յունիսի վերջին օրերը զինուորականները շէնքը պարպեցին եւ բանալիները պատրիարքին յանձնուեցան: Անմիջապէս սկսան շէնքին նորոգութեան եւ մաքրութեան աշխատութիւնները, որոնց յաջորդեցին կահաւորութեան պէտքերը եւ դասընթացք կազմելու ծրագիրները, ուսուցիչներ եւ վարիչներ նշանակելու կարգադրութիւնները: Ուսումնապետ նշանակուեցաւ Տէրոյենց Յովհաննէս պատուելին, եւ վերատեսուչ` Պօղոս Օտեան: Բաւական տեւեցին պատրաստութիւնները եւ հազիւ 1845 հոկտեմբեր 1-ին, Վարագայ Խաչի երկուշաբթին, բացման հանդէսը կատարուեցաւ պատրիարքի նախագահութեամբ: Աշակերտները պիտի ըլլային 50 գիշերօթիկ, 40-ը թոշակաւոր, տարեկան 3000 դահեկանի թոշակով, եւ 10 ձրի` կարօտ ընտանիքներէն ընտրանօք: Աշակերտութիւնը կայսերական շնորհի ալ արժանացաւ 1846 յունիս 2-ին գիշերը, երբ լուսավառութիւններ եւ ուրախութիւններ կը կատարուէին, կայսեր եւրոպակողման գաւառները: Ադրիանուպոլսէն մինչեւ Ռուսճուգ կատարած պտոյտէն վերադարձին առթիւ: Ճեմարանի աշակարտներէն 30 հատը յատուկ նաւով կայսերական պալատան առջեւ նոր եւ գեղեցիկ երգս երգելով համեղաձայն հաճեցուցին զարքայ, եւ 3000 դահեկանի պարգեւ ստացան (ՊԷՐ. 543): Այստեղ յիշենք որ այդ միջոցին սկսաւ տէրութեան կողմէ Եէտիքուլէի հիւանդանոցին հացագինի շնորհը, զոր խնդրեց Յովհաննէս Տատեան վառօդապետ եւ Ասլանպէկի գործարանին հեղինակը, երբ Ապտիւլ Մէճիտ կայսր 1845 ապրիլ 9-ին գործարանը այցելեց, եւ գոհ մնալով ուզեց պարգեւ մը ընել գործարանի հիմնադիրին: Առաջին շնորհը օրական 37 ու կէս քաշ էր, որ առաջիկային հետզհետէ աճեցաւ եւ միսի շնորհն ալ աւելցաւ:

2593. ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆԱՑ ՓԱԿԵՂԸ

Մատթէոս պատրիարք իր այցելութեանց եւ օտարաց հետ յարաբերութեան առթիւ մտադրութիւն դարձուց եկեղեցականներու սովորական գլխանոցներու վրայ, տեսնելով որ ուրիշ ազգեր համաձեւ եւ կանոնաւոր գլխանոցներ ունին, ինչ որ կը պակսէր Հայոց մէջ: Կուսակրօններ կամ վարդապետներ վեղար ունէին, բայց յաճախ զանց կ՚ընէին կրել զայն քաղաքներու մէջ, իսկ ամուսնաւորներ կամ քահանաներ աշխարհականներու յատուկ եղող գլխանոցներ կը կրէին ըստ հաճոյս: Համաձեւ գլխանոցի մը հիմը ընտրուեցաւ վեղարներու ներքեւ գործածուող սրածայր գլխանոցը, որուն վրայէն քօղը վերցուելով, եւ մնացած մասը վայելուչ պատելով կազմուեցաւ ինչ որ այսօր փակեղ անունով կը կոչենք: Վրայի ծածկոյթը որոշուեցաւ կուսակրօններու համար ի մանուշակագոյն թաւիշէ, եւ ամուսնաւորներու համար ի սեաւ չուխայէ (ՊԷՐ. 312). մաանուշակագոյն երանգին ընտրութիւնը անշուշտ նմանողութեամբ հռոմէականներէն առնուած է, որոնց բարձրագոյն եկեղեցականները այս գոյնը կը գործածէն: Փակեղին գագաթի սրածայր մասը ծալովի պիտի ծածկուէր եւ կոճակ մըն ալ սուր ծայրին վրայ: Պատրիարքի համար որոշուեր է մոյգ կարմիր թաւիշը ոսկի երիզով, բայց գործածուած ըլլալուն յիշատակ չէ լսուած: Մանուշակ թաւիշը կ՚երեւի թէ նախապէս փակեղին ամբողջին համար որոշուէր է, բայց կիրառութեան մէջ կիսովի եղած է, վարի գլանաձեւ մասը սեւ թաւիշէ, եւ միայն վերի սրածայր մասը մանուշակագոյն թաւիշէ որ իր երկգոյն երեւոյթին մէջ ոչ վայելուչ եւ ոչ հաճոյատեսիլ կրնար ըսուիլ: Վերջին տարիներու մէջ Կիլիկիոյ Մկրտիչ կաթողիկոսին մանուշակագոյն վեղար գործածելուն, եւ անոր կողմէ փակեղներուն մանուշակագոյն մասին իբր արդարացում ցուցուելուն վրայ, Ներսէս Վարժապետեան պատրիարքը ամբողջ սեւ թաւիշէ փակեղ սկսաւ գործածել, եւ շատ ալ հետեւողներ ունեցաւ, զի ոչ միայն միագոյն գլխանոց մը աւելի վայելուչ կ՚երեւէր, այլեւ մանուշակագոյնը օդին եւ արեւին մէջ շուտով իր երանգը կը կորսնցնէր: Միւս կողմէն աւագ եւ երիցագոյն քահանաներ եւս սկսած էին սեւ ասուիի տեղ սեւ թաւիշէ փակեղներ գործածել, որով հետզհետէ նմանութեան կէտ մը հաստատուեցաւ կուսակրօններու եւ ամուսնաւորներու փակեղներու մէջ, ինչ որ մենք բնաւ անտեղութիւն չենք համարիր, զի եկեղեցականներու արտաքին տարազը իրենց կոչումին եւ ո'չ իրենց աստիճանին նշանակ ըլլալու սահմանուած է, ապա թէ ոչ շատ աւելի բազմացնելու էր գոյներու տարբերութիւնը: Մատթէոս պատրիարք փակեղի կիրառութեան նշանակութիւնը աւելցնելու համար, զայն կառավարութեան ալ ներկայեց 1845 ապրիլին, իբր հայ եկեղեցականներու սեփական ձեւ, եւ հաստատել տուաւ հրամանաւ բարձրագոյն դրան (ՊԷՐ. 526): Փակեղի կիրառութիւնը այսօր ընդհանրացած է տաճկահայ վիճակներու մէջ եւ ընդունուած է իբրեւ հայ եկեղեցականներու յատկացեալ տարազ: Փափաքելի էր որ ռուսահայ վիճակներու հայ եկեղեցականներն ալ յատուկ եւ սեփական փակեղ մը ունենային, մինչեւ այժմ կուսակրօններուն վեզարէն դուրս ամուսնաւորներ խառնիխուռն կերպով աշխարհիկ գլխանոցներ կամ եւոպական պէսպիսի գլխարկներ կը գործածեն, եւ ռուսական փակեղն ալ կամ կամելաֆկան իբրեւ պատուոյ նշանակ եւ առանձնաշնորհութեան առարկայ կը նկատեն:

2594. ՄԱՏԹԷՈՍ ԵՒ ԺՈՂՈՎՆԵՐ

Ինչ որ մինչեւ հիմա յառաջ բերինք Մատթէոս պատրիարքի գործունէութենէն, մասնաւոր ձեռնարկներ են պարագայից բերմամբ կատարուած, բայց իրմէ սպասուած գլխաւոր գործը պատրիարքարանի վարչութեան հաստատուն եւ հիմնական ձեւ մը տալն էր, որ 1839-է ասդին 2545-2547) ազգային կնճիռ մը դարձած էր ժողովրդական ձգտումներու եւ ամիրայական պնդումներու երեսէն, եւ զօրաւոր ձեռքի մը կը կարօտէր իր լուծումը ստանալու: Մատթէոսէ կը սպասուէր որ ժողովրդականաց նպաստաւոր ըլլար եւ ամիրայական խումբին յաւակնութիւնները չափաւորէր, բայց տեսնուեցաւ որ նա գործադրութեան մէջ ա'լ աւելի առաջ անցնելով եւ բոլորովին իսկ գործակցութեան պայմանը անտեսելով ինքն միայն կարգադրէ զամենայն, եւ գործերու մէջ կրօնականի եւ քաղաքականի բաժանում մը դնելով, աշխարհական տարրին խորհրդակցութիւնը կ՚ընդունէր միայն կալուածոց, հիւանդանոցաց, դպրոցաց եւ տնանկաց խնդիրներու մէջ, իսկ բացարձակապէս իրեն կը վերապահէր զհոգեւորսն հոգալ, քննել կարգադրել, պատժել, պսակել եւ զառաջնորդսն ընտրել ըստ խնդրոյ եւ համահաճութեան քաղաքացեացն, եւ ըստ այսմ ալ յայտնապէս կ՚ընդդիմանար առաջնորդներէ ոմանց փոփոխութեան, զոր ամիրաներ կը պահանջէին: Խնդիրը այլեւս ժողորդական եւ ամիրայական կերպարանը կը կորսնցնէր, եւ պատրիարքական իշխանութեան բացարձակ թէ գործակցական ըլլալուն վրայ կ՚ամփոփուէր, եւ ամիրայականք եւ ժողովրդականք իրարու կը մօտենային, եւ նոր գետինի վրայ նոր խնդիր կը բացուէր (ՊԷՐ. 318): Գործին գլուխ կը կանգներ Յակոբ Կրճիկեան, երկու կողմերէն ալ հաւասարապէս յարգուած անձ մը, 1806-ին ծնած Բերա, իսկապէս ուսումնական եւ գրական միտքով օժտուած, Եւրոպա գացած Ռէշիտ փաշայի հետ, դեսպանատանց մէջ դիւանագիտական կարեւոր պաշտօններ վարած Փարիզ եւ Վիէննա եւ Լոնտրա, եւ Կ. Պոլսոյ մէջ ալ մեծ եպարքոսութեան քարտուղար եւ խորհրդական կը գտնուէր (01. ՕՐԱ. 227): Իր այս դիրքէն օգտուելով եւ երկու կողմերէն քաջալերուելով, Կրճիկեան կրցաւ Ռէշիտ փաշան համոզել պատրիարքարանի վարչութեան օրինական եւ ժողովական ձեւ մը տալու պէտքին, եւ եպարքոսն ալ կայսերական հաւանութիւն ստացաւ, որուն վրայ պատրիարք եւ մեծամեծք արտաքին գործոց նախարար Ալի էֆէնտիի կողմէ հրաւիրուեցան Վոսփորի վրայ Էմիրկէնի ամարանոցը 1847 մայիսի 7-ին չորեքշաբթի օր, եւ հոն իրենց հաղորդուեցաւ կայսերական հրովարտակը, որ կը հրամայէր երկու ժողովներ հաստատել պատրիարքարանի մէջ պատրիարքի նախագահութեան ներքեւ, մին կրօնական գործոց համար Հոգեւոր ժողով անունով եւ 14 անդամով, եւ միւսը քաղաքական գործոց համար Գերագոյն ժողով անունով եւ 20 անդամով, երկուքն ալ եկեղեցականաց եւ աշխարհականաց ամէն դասակարգերէն առնուած եւ համախմբութեամբ ընտրուած: Որչափ ալ գործը պատրիարքի պաշտօնավաութիւնը չափաւորելու եւ բացարձակ իշխանութեան սահման դնելու, կամ սահմանադրութիւն հաստատելու դիտմամբ կարգադրուեցաւ, սակայն Մատթէոս պատրիարք բնաւ չդժկամակեցաւ, զի իր հիմնական տեսութեանց եւ վարչական սկզբանց հակառակ չէր գործակցական ձեւը, միայն թէ օրինական սահմանի մէջ մնար եւ անհատներու աղիկամի հաճոյքներու չծառայէր:

2595. ԵՐԿՈՒ ԺՈՂՈՎՆԵՐ

Մատթէոս առանց ժամանակ անցնելու անմիջապէս առաջիկայ ուրբաթին մայիս 9-ին, Մայրեկեղեցւոյ մէջ ժողով գումարեց եկեղեցականաց եւ աշխարհականաց, յորդորական մը խօսեցաւ, ընտրութեան կերպը հրահանգեց, եւ համահաճութեամբ ամենեցուն ընտրուեցան երկու ժողովները կազմող անդամները: Հոգեւոր ժողովին անդամ ընտրուեցան Յոհաննէս եպիսկոպոս Զմիւռնացին որ Օրթաքէօյի քարոզիչ էր, եւ չորս վարդապետներ, Գէորգ Երուսաղէմի փոխանորդ, եւ Յովհաննէս ծերունի Խասքէօյի եւ Յովհաննէս Սէթեան Գուզկունճուքի եւ Գրիգոր Զօրաբաբէլեան Պալաթի քարոզիչներ, եւ ինը աւագերէցներ, Գալուստ Օրթաքէօյի, Գէորգ Խասքէօյի, Յովհաննէս Սէլամիյէի, Պաղտասար Եէնիմահալլէի, Զաքարիա Բերայի, Գրիգոր Պէքիշթաշի, Յարութիւն Ղալաթիոյ, Գրիգոր Սամաթիոյ, եւ Պաղտասար Պալաթի: Իսկ գերագոյն ժողովին ընտրուեցան, Յովհաննէս եւ Պօղոս Տատեան վառօդապետներ, Կարապետ Պալեան եւ Յովհաննէս Սերվերեան ճարտարապետներ, եւ Միքայէլ Փիշմիշեան, Մաքսուտ Սարիմեան, Գէորգ Երեմեան, Մկրտիչ Ճէզայիրլեան, եւ Միսաք Միսաքեան սեղանաւորներ, որոնց հետ համրելով նաեւ Յակոբ Կրճիկեանը, զոր յիշեցինք, կը լրանայ ժողովին ամիրայական կէսը: Իսկ միւս կէսը արհեստաւորներէն առնուեցան եւ ընտրուեցան, Յովհաննէս Չէլէպեան հացագործ, Յովհաննէս Չօպանեան ոսկերիչ, Յովհաննէս Սուրէնեան ժամագործ, Թովմաս Մարտիրոսեան երկաթավաճառ, Աստուածատուր Սարաֆեան ասուեվաճառ, Քերովբէ Պաշպազիրկեանեան մետաքսավաճառ, Գրիգոր Թիւյսիւզեան բեհեզավաճառ, Կարապետ Տէր-Գրիգորեան կտաւավաճառ, Սահակ Քիւչիւկյակոբեան ատաղձավաճառ, եւ Սարգիս վարպետ սուսերագործ: Ըիտրուածներուն անունները կառավարութեան հաղորդուեցան եւ պետական պաշտօնագիրով հաստատուեցան երկամեայ պաշտօնավարութեան պայմանաժամով, եւ մայիս 20-ին հինգշաբթի օր, առաջին համագումար նիստը տեղի ունեցաւ, ուր պատրիարքը ազդու յորդորական մը խօսեցաւ ժողովականներուն, եւ որոշուեցաւ իւրաքանչիւր ճիւղին շաբաթական նիստ գումարել իրենց պատկանեալ խնդիրները քննելու եւ որոշելու, Գերագոյնը երեքշաբթի եւ Հոգեւորը հինգշաբթի օրեր, եւ միշտ պատրիարքի նախագահութեամբ: Նոր կարգադրութեամբ որ մինչեւ 1860 տեւեց իւրաքանչիւր դասակարգ իր գոհունակութեան մասն ունեցաւ, եւ վարչական գործեր կանոնաւոր ընթացք ունեցան, եւ կրնանք ըսել թէ ասիկա եղած է ազգային սահմանադրութեան տիրապէս սկզբնաւորութիւնը: Զի ինչ որ ասկէ ետքը կատարուեցաւ, 1860-ի կազմակերպութիւնը եւ 1863-ի հաստատութիւնը, այդ առաջին կազմութեան լրումն եւ ամբողջացումն են եղած: Ժողովին ձեւակերպութեանց մէջ ատենապետներու եւ ատենադպիրներու ընտրութեան չենք հանդիպիր, միայն Կրճիկեանի յատուկ եւ գործադիր պաշտօն յանձնուեցաւ լօղօֆէթ անունով Յունաց պատրիարքարանը մեծ պաշտօնակալ մը կը պահէ, եւ նա պիտի ըլլար կառավարութեան հետ յարաբերութեանց միջնորդը եւ ներքին կարգադրութեանց հսկողը եւ ժողովներու դիւանները վարողը (01. ՕՐԱ. 222):

2596. ԳԱՒԱՌԱԿԱՆ ԱՂԷՏՆԵՐ

Գաւառաբնակ ազգայնոց բարօրութեան խնդիրն ալ Մատթէոսի գործունէութեան առիթ ընծայեց, զի Վասպուրական նահանգի բնակչութիւնը սաստիկ նեղութեան մատնուած էր Պէտէրխան պէյի եւ Մահմուտ խանի, երկու քուրդ ցեղապետներու երեսէն, որոնք արձակ համարձակ կ՚արշաւէին, եւ տեղական իշխանութիւնները անբաւական էին զանոնք զսպել: Մատթէոս քանիցս գրով եւ բերանով խօսեցաւ եպարքոսին եւ նախարարութեան, եւ վերջապէս ստիպուեցաւ զեկուցանել թէ այն կողմերու հայաբնակութիւնը վերջին յուսաբեկութեան ներքեւ խմբովին սահմանագլուխ անցնելու եւ ռուսահայ գաւառները ապաւինելու կը պատրաստուի, եւ թէ ինքն պարտաւորուած է այժմէն կառավարութեան մտադրութիւնը հրաւիրել, զի մի' առ յապայս մեղապարտ գտանիցի: Այդ տեղեկագրութեան մեծ կարեւորութիւն տրուեցաւ, կայսերական հրաման եղաւ, նախարարութիւնը խորհրդակցեցաւ, եւ Օսման փաշայի պաշտօն յանձնուեցաւ զօրաւոր բանակով մը ըմբոստ եւ ապստամբ ցեղապետները զսպել: Միանգամայն պատրիարքին հրահանգ տրուեցաւ որ Հայերը հրահանգէ բանակին օժանդակութեան, եւ նա ալ յատկապէս գրեց Վանայ, Կարնոյ, Բաղէշի, Բալուայ եւ Տիգրանակերտի առաջնորդներուն որ ժողովուրդներ օգնական լիցին եւ ծառայեսցեն արքունի բանակին, եւ զհաւատարմութիւն իւրեանց ցուցցեն: Օսման փաշա նախ քալեց Ճէզիրէ գաւառը, ուր ամրացած էր Պէտէրխան, հայ գունդերն ալ իրեն հետ, եւ հետզհետէ պաշարումը սեղմելով Պէտէրխանը պարտաւորեց անձնատուր ըլլալ հանդերձ իւրով բազմանդամ գերդաստանով, որ 70 եւ աւելի հոգի եղած կ՚ըսուի կիներով եւ զաւակներով: Հայերու ուրիշ խումբ մը Մահմուտ խանի վրայ քալեց, եւ զայն նեղը ձգելով կալանաւորեց եւ զայն Օսման փաշայի յանձնեց: Երկու ցեղապետներն ալ իրենցներով Կ. Պոլիս յղուեցան, Պէտէրխան ի Կրետէ եւ Մահմուտ ի Սիլիստրէ աքսորուեցան, առաջինը 1847 յուլիս 20-ին եւ երկրորդը սեպտեմբեր 19-ին, եւ քրդական խուժանը անգլուխ մնալով ցրուեցաւ, եւ Վասպուրական եւ շրջակայ գաւառներ խաղաղութիւն եւ հանդարտութիւն վերստացան (ՊԷՐ. 322 եւ 535): Օսման սպարապետ աննախանձ կերպով վկայեց Հայերու ընծայած ձեռնտուութեան եւ վկայած հաւատարմութեան, որուն արդիւնքն եղաւ պատրիարքի յանձնարարութեամբ ամէն եկեղեցիներու մէջ գոհաբանական աղօթքներ կատարուիլը օսմանեան բանակին ձեռք ձգած յաջողութեան համար, Ցնծացեք առ Աստուած սաղմոսին հանդիսաւոր երգեցողութեամբ: Կայսրն ալ զգածուելով այդ ամէն ցոյցերէն (ՊԷՐ. 326), պալատական պաշտօնեաներէն ներքինապետի միջնորդութեամբ 1847 նոյեմբեր 22-ին շաբաթ օր յատուկ գոհունակութեան եւ խնդակցութեան արտայայտութիւն հասոյց պատրիարքին, այն շնորհին համար զոր Աստուած պարգեւեց իր թագաւորութեան, իր աստուածաւանդ հպատակներուն կատարեալ հանգստութեանը համար (ՊԷՐ. 325): Պատրիարքն ալ այդ ցնծաւետ պարագայն աւետեց ազգին դեկտեմբեր 9-ին յատուկ շրջաբերականով, զոր կը սկսի աստուածազօրն Հայկայ եւ աստուածամարտն Բելայ յիշատակներով, կը յիշէ Պէտէրխանի եւ Մահմուտի աղէտները, եւ պատմէ կայսեր կողմէն իրեն հաղորդուած խնդակցութիւնը, եւ կը վերջացնէ կայսեր եւ կայսերամօր ու կայսերազուններու համար ջերմ բարեմաղթութիւններով (ՊԷՐ. 323-326): Անշուշտ շրջաբերականին թարգմանութիւնը արքունիք ալ հաղորդուեցաւ, զի պատրիարքը սկսաւ արքունեաց մտերիմ մը դառնալ, եւ կայսերամայրը երբ 1848 տարուոյ սկիզբները հիւանդացաւ, յատուկ պատրիարքին աղօթքը խնդրեց, որ եկեղեցիներու մէջ ութն օր Տէր ողորմեա ըսել հրամայեց, եւ ինքն ալ աւետարան եւ նարեկ եւ շուրջառ առած Տատեան Պօղոսի եւ Կրճիկեան Յակոբի եւ Վրթանես վարդապետի ընկերակցութեամբ պալատ գնաց, աւետարան եւ աղօթք կարդաց, եւ ինն օրէն կայսերամօր ապաքինելուն աւետիսն առաւ: Գացողներուն ամէնն ալ պատուասիրուեցան եւ ընծաներ ստացան, որոնց մէջէն թանկագին կերպաս մը շուրջառի վերածուելով Ներսէս կաթողիկոսին նուէր ղրկուեցաւ (ՊԷՐ. 326-327):

2597. ԻՆՆՈՎԿԵՆՏԻՈՍ ՖԷՐՐԻԷՐԻ

Մատթէոսի պատրիարքութիւնը այլազան դիպուածներու հիւսուած մըն է ինչպէս ցարդ պատմուածները կը ցուցնեն, եւ զայդ պէտք է վերագրենք իր կողմէն ցուցուած ամէն տեսակ գործի միջամտելու փափաքին: Նախընթաց 1846 տարւոյ յունիսին Գրիգոր ԺԶ- ին յաջորդած էր Պիոս Թ. Պապը ազատամիտ գաղափարներու տէր ճանչցուած անձ մը, որ ժամանակին պահանջից հետեւելու միտքով, մինչեւ իսկ իր աշխարհական իշխանութեան սահմանադրական ձեւ տուած էր: Ուզելով նա ամէն տէրութեանց հետ ուղղակի յարաբերութիւնները հաստատել, օսմանեան սուլտանին ալ յատուկ դեսպանութիւն մը ղրկեց, եւ այդ պաշտոնը յանձնեց Իննովկենտիոս Ֆէրրիէրի Սինոդի անուանական արքեպիսկոպոսին, եւ ոչ կարտինալին (ՊԷՐ. 327), որուն խորհրդական նշանակուեցաւ Փրօփականտայի պաշտօնեաներէն Վեսբասիանի վարդպետը, եւ թարգման` Անտոնեան Միաբաններէն Արսէն Անճարակեան վարդապետը: Ֆէրրիէրիի յանձնուած պաշտօնը քաղաքական յարաբերութիւններ հաստատելէ եւ հայ-կաթոլիկներու ներքին խնդիրները քննելէ զատ, կամ թէ նոյնիսկ քաղաքականէն էլ աւելի նպատակ ունէր, հռոմէադաւան չեղող յոյն եւ հայ եկեղեցիները Հռոմի մօտեցնելու ջանքեր ընել, եւ այս միտքով շրջաբերական կոնդակ մըն ալ յանձնուած էր Ֆէրրիէրիի, Հռոմի համամիտ չեղող եկեղեցիներու ուղղուած, որով ասոնք իրենց գրութենէ հրաժարելու եւ հռոմէական վարդապետութիւն ընդունելու կը հրաւիրուէին: Ֆէրրիէրի Կ. Պոլիս հասաւ 1847 տարւոյ վերջերը, եւ արժանավայել հիւրասիրութիւն եւ պատիւ գտաւ օմանեան կառավարութենէն եւ արքունիքէն, եւ որչափ իր դեսպանութեան կրօնական նպատակն ալ կը լսուէր, բայց յոյն եւ հայ պատրիարքներէն շարժում չեղաւ, մինչեւ որ սուլտանն առաքեաց հրաման ի պատրիարքարանս Յունաց եւ Հայոց երթալ առ նա յայցելութիւն քաղաքավարական օրինօք: Յոյն պատրիարքարանը ասով ալ շատ չյորդորուեցաւ, եւ Անթիմոս պատրիարք պատճառեաց տկարութիւն անձին մեծ, եւ երեք եպիսկոպոսներ յղեց, որոնք քառորդ մի ժամու այցելութեամբ վերադարձան (ՊԷՐ. 328): Մատթէոս ընդհակառակն փութաց անձամբ երթալ 1848 յունուար 4 (ՊԷՐ. 556) կիրակի օր, խորհրդական Յովհաննէս Տէրոյենց, թարգման Մկրտիչ Աղաթօն, քարտուղար Աւետիս Պէրպէրեան, եւ Վրթանէս վարդապետ հետեւորդներով, եւ բաւական երկար այցելութիւն տուաւ, դաւանական եւ կրօնական խնդիրներ ալ շօշափելով: Ֆէրրիէրի նախ Յունաց պատրիարքարանը գնաց, եւ միայն յունուար 29-ին (ՊԷՐ. 330) հինգշաբթի օր Գումքաբու Հայոց պատրիարքին եկաւ, բայց Մատթէոս այս անգամ ալ փառաւոր ընդունելութիւն ըրաւ, 12 քահանաներով եւ 6 վարդապետներով եւ 2 եպիսկոպոսներով զայն դիմաւորեց, եւ ոսկեթել ծածկոյթով թիկնաթոռի վրայ բազմեցուց եւ առաւելով պատուասիրեց (ՊԷՐ. 328), բայց նա անքաղաքավար կերպիւ խօսս եբաց վասն վարդապետութեան հաւատոյ (ՊԷՐ. 557), Հայոց եկեղեցին իբրեւ մոլորեալ ցուցնելով եւ հռոմէականութեան հրաւիրելով: Պատրիարքը պատշաճ բայց մեղմ պատասխաններ տուաւ, իսկ Տէրոյենց աւելի խորունկը մտնել կ՚ուզէր, բայց ուրիշ առիթի թողուեցաւ խօսակցութեանց այս մասը:

2598. ՖԷՐՐԻԷՐԻ ԵՒ ՀԱՅԵՐ

Ըստ այսմ քանի մը օր ետքը, փետրուար 3-ին երեքշաբթի օր, Տէրոյենց Ֆէրրիէրիէ առանձին տեսակցութեանց հրաւիրուեցաւ, որ եւ տեղի ունեցաւ փետրուար 6-ին Յովնանու ուրբաթ օրը, Գաղղիոյ դեսպանատան մէջ, Ֆէրրիէրի երկու եկեղեցականներ ունէր միասին, իսկ Տէրոյենց մինակ էր (ՊԷՐ. 331), եւ երեք ժամու մօտ քշեց խօսակցութիւնը, զոր ինքն Տէրոյենց գիրի առած է, եւ Պէրպէրեան զայն հրատարակած է (ՊԷՐ. 330-347): Ֆէրրիէրի կը սկսի նախ գոհունակութիւն յայտնել, որ պատրիարքը սիրոյ եւ միաբանութեան փափաքը մը ունի, եւ որովհետեւ հռոմէականաց պատրիարք Հասունեանի մօտ ալ կը տեսնէ այս փափաքը, կը զարմանայ թէ ինչո'ւ այսպէս մէկ բարի եւ օգտակար գործ մը մինչեւ հիմայ ետ մնացեր է: Այս յառաջաբանով կը մտնեն երկու եկեղեցիներու դաւանական տարբերութեանց վրայ, Ֆէրրիէրի խնդիրները հետզհետէ կը յիշեցնէ, եւ Տէրոյենց թէ դաւանական եւ թէ պատմական բացատրութիւններ կու տայ: Այս կերպով հետզհետէ կը խօսուին, եւտիքականութեան, բնութեանց միաւորութեան, պապական իշխանութեան, ժողովական գերագահութեան, պապերու սխալականութեան, հայկական եկեղեցւոյ գիրքերուն, Օձնեցիին եւ երեւութականութեան, Հոգւոյն Սրբոյ բղխման, Հայոց մէջ զանազան ժամանակներ երեւցած միաբանական ձգտումներու վրայ: Տէրոյենց հմտութեանց առատութիւն ցոյց կու տայ, բայց Ֆէրրիէրի աւելի Հայոց միտքը իմանալու աշխատած կ՚երեւի, եւ թէպէտ տրուած տեղեկութեանց վրայ շնորհակալութիւններ կը յայտնէ, սակայն բնաւ իր տեսակետէն հեռացած չերեւիր: Պատճառ մը չունինք Տէրոյենցի գրութեան վրայ կասկածներ յայտնել, թէպէտ խօսակցութենէն 47 օր ետքը մարտ 25-ին (ՊԷՐ. 347) գրած է իր տեղեկագրութիւնը, բայց չենք ալ կարծեր որ շատ ազդեցութիւն ըրած ըլլայ Ֆէրրիէրիի համոզման վրայ: Այս խօսակցութեանց միջոցին Ֆէրրիէրի ներկայացուցած էր Տէրոյենցի վերը յիշուած շրջաբերականին լատիներէնը, ծանուցանելով միանգամայն թէ Արսէն վարդապետի աշխատութեամբ հայերէն թարգմանութիւնը կը պատրաստուի (ՊԷՐ. 340): Իրոք ալ քիչ օր ետքը կոնդակէն տպեալ հայերէն օրինակ մը ղրկուեցաւ Մատթէոսի, որ անոր մէջ կարդալով թէ Այժմեան եկեղեցին Հայոց է մոլորեալ եւ անջատեալ ի յուղղափառ շաւղաց նախնի հարց իւրոց, սաստիկ կը զայրանայ, եւ պահ մը կը մտածէ կառավարութեան բողոքել, բայց վառօդապետ եւ ճարտարապետ ամիրաներ կ՚արգիլեն, եւ վրանին կ՚առնեն Ֆէրրիէրիի հաղորդել զցաւ սրտի պատրիարքին վասն տետրակին այնմիկ: Ասոր վրայ կը կարգադրուի ուղղակի տեսակցութիւն մը Մատթէոսի եւ Ֆէրրիէրիի միջեւ, որ տեղի կունենայ Պէշիքթաշ Տատեան Յովհաննէսի տունը յետ մեծածախս ընթրեաց (ՊԷՐ. 329): Այս տեսակցութեան մէջ Մատթէոս կը պարզէ զճշմարիտ դաւանութիւնս Հայոց, եւ զթշնամեաց նոցին զհռոմէական գօլէճէանց զանխիղճ եւ զաստուածընդդէմ զպարտութիւնս, զորս կը ցուցնէ իբրեւ պատճառ Հայոց մասին կազմուած սխալ համոզման: Պէրպէրեանի վկայութեամբ, որ ներկայ եղած է, Ֆէրրիէրի զարմացաւ զի ոչ որպէս կարծէրն եւ լուեալ էր, ետես այնպէս եւ խոստացաւ երկրորդ բանակցութենէ ետքը գրել ի Հռոմ առ պապն զվկայական իւր յաղագս ուղղափառութեան Հայաստանեայց եկեղեցւոյ: Այս երկրորդ բանակցութիւնն ալ տեղի ունեցաւ Այօսթէֆանօ Տատեան Պօղոսի տունը եւ նոյն արդիւնքն ունեցաւ, եւ Ֆէրրիէրի աւելի յայտնի կերպով սկսաւ խօսիլ Հայոց դաւանութեան ուղղափառութենէ չեղած չըլլալուն մասին: Բայց ասիկա վրդովեց հռոմէականներուն եւ գլխաւորապէս իրենց պատրիարք Հասունեանին միտքը, եւ ժողով կազմելով Ֆէրրիէրիին դիմեցին ուղղակի անկէ լսելու համար իր համոզումը: Երբոր նա յայտարարեց թէ համոզեցայ թէ չիք ի նոսա կասկած հերձուածողութեան, ամէնքը միաբերան վրան խուժեցին թէ Հայեր նենգամիտ են եւ իրենց դաւանութիւնը տարբեր է իրենց գիրքերէն, եւ թէ նա միամտութեամբ խաբուած է, եւ այնչափ խօսեցան եւ պնդեցին որ Ֆէրրիէրին ալ վարանման մատնուեցաւ: Միւս կողմէն Հայեր արդէն յաջողութիւնը ձեռք ձգած կարծելով յատուկ հրաւէր կազմեցին Ֆէրրիէրիի պատւոյն, դարձեալ Տատեան Պօղոսի տունը 1848 ապրիլ 1-ին հինգշաբթի օր եւ մեծ հացեկոյթ մըն ալ տուին, ուր գաղղիերէն ճառ գովութեան խօսեցաւ Յարութիւն-Գարեգին երիտասարդը, Յովհաննէսի որդին, որ երկու ամիս առաջ Փարիզէն վերադարձած էր իր ուսմանց ընթացքը աւարտելով (ՊԷՐ. 559): Հացեկոյթը ուրախութեամբ անցաւ, բայց սեղանէ ետքը խօսակցութեանց միջոցին Ֆէրրիէրի յայտարարեց թէ լուայ ի բազմաց, զի Հայք ոչ այնպէս հաւատան, որպէս ընթեռնուն, եւ թէ այս պատճառով ոչ կարեմ, ըսաւ վկայել զձէնջ թէ բարի եւ թէ չար: Մատթէոս բորբոքեցաւ այդ յայտարարութեան վրայ, մինչեւ իսկ երեսն ի վեր գոչելով, միթէ դու Աստուաflծ ես, զի զներքին խորհուրդ սրտից մերոց իմասցիս, եւ մեղադրելով հռոմէականաց կողմէ կրկնուած քսու թելադրութիւնները, սրահէն մեկնեցաւ, միւսներն ալ ցրուեցան եւ իրենց սենեակները քաշուեցան եւ տրտմեցան յայնժամ ժողովեալքն: Միանգամայն փակուեցաւ միաբանական բանակցութեանց շրջանը:

2599. ՖԷՐՐԻԷՐԻ ԵՒ ՅՈՅՆԵՐ

Մատթէոս միւս առտուն ապրիլ 2-ին շիտակ Ֆէնէր թաղը իջաւ եւ այցելեց յունաց Անթիմոս պատրիարքին, եւ մի առ մի պատմեց իր եւ Ֆէրրիէրիի միջեւ տեղի ունեցած անցքերը եւ վերջին տեսակցութիւնը: Ծիծաղեցաւ պատրիարքն Յունաց, կարծես հեգնելով Մատթէոսի միամիտ փութկոտութիւնը, եւ անոր պատմեց թէ իրենց ալ յղած էր նոյն շրջաբերականին տպուած յունարէն թարգմանութիւնը, որով յունական եկեղեցին Փոտի ժամանակէն ուղղափառութենէ շեղած կը յայտարարէր: Անթիմոս աւելցուց թէ իրենք ոչ բանակցութեանց մտան եւ ոչ տեսակցութիւն ունեցան, այլ պաշտօնապէս պատասխան մը պատրաստեցին եւ Ֆէրրիէրիի հաղորդեցին, յայտարարելով թէ Հռոմայ աթոռը անսխալ վճռատու չէ, եւ միայն տիեզերական ժողովներու կը պատկանի այդ ձիրքը, թէ Հռոմի պատրիարք դատաւոր եւ գլուխ չէ, այլ միայն հաւասարներու մէջ առաջինն է, թէ յունական եկեղեցին եօթն ժողովներ միայն կ՚ընդունի. եւ արեւմուտքին մէջ Լատիններու կողմէն կազմուած, Լատերանու, Փլորենտիոյ, եւ Տրիտենդեայ եւ ուրիշ ժողովներ իրենց անընդունելի են, թէ Հռոմի եկեղեցին պէտք է առաջ ինքզինքը սրբէ եւ ազատէ յետսամուտ եւ նորաձայն վարդապետութիւններէ, եւ տեսակ տեսակ անտեղի եւ փառասէր կարգադրութիւններէ, որ կարենայ ուրիշները իրեն հետ միանալու հրաւիրել: Անթիմոս տեսնելով Մատթէոսի վարանումը, խոստացաւ կառավարութեան դիմել, թէ պապին դեսպանը խռովութիւններ կը տարածէ հպատակ ժողովուրդներու մէջ: Գանգատը կառավարութեան կողմէն Գաղղիոյ դեսպանատան հաղորդուեցաւ, եւ մայիսի առաջի օրերը Ֆէրրիէրի Կ. Պոլիսէ մեկնեցաւ (ՊԷՐ. 350):

2600. ՀԱՄԱԶԳԵԱՅ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆ

Ֆէրրիէրիի յանձնուած գործերու մէջ կաթոլիկ Հայոց ներքին խնդիրներն ալ կային, եւ անոնց մէջ ալ աւելի յաջողութիւն չունեցաւ նա: Բայց այս կէտին բացատրութեան չմտած պէտք է ներկայենք կաթոլիկ հասարակութեան կացութիւնը, առնելով այն կէտն, ուր թողած ենք զայն Հասուն Անտոնի օգնական եպիսկոպոս նշանակուելուն թուականէն 1842-ին 2565): Բայց այդչափը բաւական չէր Հասունի ձգտումները յագեցնելու. նա նպատակ ունէր բոլոր իշխանութիւնները իր ձեռք անցընել, եւ որչափ ալ իբրեւ օգնական եպիսկոպոս կը նկատուէր, բայց Մարուշի ծերութենէն օգտուելով հոգեւորական իշխանութեան վարիչն էր դարձած: Բայց անդին ազգապետական իշխանութիւն մը կար որ Վենետկոյ Մխիթարեան Կարապետ վարդապետ Եսայեանի ձեռքն էր, եւ իր փոխանորդ Զմիւռնացի Ստեփան վարդապետ Փեհլիվանեան, այն ատեն տակաւին ուղղութեան կը հետեւէր: Հասուն ամէն միջոց գործածեց, հոգ չէ որ քսութիւնը ընդարձակ դեր ունենար անոնց մէջ, մինչեւ որ Եսայեան պատրիարք, որ իրօք ծերացած էր, ստիպուեցաւ հրաժարականը տալ: Հաւանական յաջորդը կը նկատուէր Անտոնեան միաբանութենէն Կարապետ վարդապետ Յովնանեան, սակայն Հասուն կրցաւ զայն յետաձգել տալ, եւ իրեն վրայ դարձնել ընտրութիւնը, եւ օգնական եպիսկոպոսութեան հետ ազգապետ պատրիարքութիւնն ալ միացուց (ՀԱՍ. 55-58) 1845 ապրիլ 3-ին (ՊԷՐ. 526): Որչափ եւ Հասուն կրկնակի իշխանութեամբ ճոխացած քօլէճեան ուղղութեան յաղթանակին կ՚աշխատէր, սակայն աբբայեան ուղղութիւնը զօրաւոր էր տակաւին կաթոլիկ հասարակութեան մէջ, այն է հռոմէական դաւանութեան վրայ պատուաստուած հայկական ազգութեան գաղափարը յառաջացնել: Այդ նպատակին պիտի ծառայէր համազգեաց Ընկերութիւն անունի ներքեւ ծրագրուած միութիւնը որ 1846 տարւոյ սկիզբները կազմուեցաւ 76 ընկերներու համախոհ ժողովին մէջ (ՀԱՍ. 77): Ընկերութեան կանոնագիրը կազմողն ու գործին առաջնորդողն էր Պետրոս վարդապետ Մինասեան Վենետկոյ Մխիթարեաններէն: Ընկերութեան անդամ պիտի ըլլային անխտիր հայադաւան եւ հռոմէադաւան եւ բողոքական ազգայիններ, նպատակը պիտի ըլլար ազգային զարգացում գրական եւ գիտական, հնագիտական եւ հայրենագիտական, արհեստական եւ առեւտրական ճիւղերու մէջ հաւասարապէս, եւ կրօնական տեսակէտէն անկախաբար. վարիչ մարմինը պիտի կազմէին 3 տեսուչ, 12 խորհրդական, 12 խաղաղարար, 4 գանձապետ, 2 գրագիր, 3 գրաքննիչ, որոշումները պիտի տրուէին մեծամասնութեան քուէով: Իւրաքանչիւր ընկեր պիտի վճարէր ամսական 10 դահեկան, եւ այս հասոյթով եւ ուրիշ նուէրներով եւ պատահական արդիւնքներով պիտի բացուէին եւ պահուէին դպրոցներ եւ արհեստանոցներ, եւ պիտի հրատարակուէին գիրքեր եւ տետրակներ (ՊԷՐ. 351): Ծրագիրին հաստատութիւնը խնդրուեցաւ հռոմէականաց գերագոյն ժողովէն, որուն կը նախագահէր Հասուն իբր պատրիարք, եւ որ չէր կրնար հաւանիլ ոչ անկախ մարմնի մը կազմութեան, եւ ոչ տարբեր դաւանութեանց անխտիր մերձեցման, բայց այս անգամ չկրցաւ ընդդիմանալ ժողովականաց միաձայնութեան, որ գործը լոկ հանրային օգտին տեսակէտէն կը նկատէին: Հաւանութիւնը տրուեցաւ եւ 1846 մարտ 16-ին Համազգեաց Ընկերութեան յայտարարութիւնը ցրուեցաւ 76 առաջին ընկերներու ստորագրութեամբ: Անակնունելի ըլլալու չափ արագ եւ մեծ եղաւ ընկերութեան յաջողութիւնը, որուն բզմութեամբ մասնակցեցան հայադաւաններն ալ, թէպէտ հռոմէադաւան կը նկատուէր հաստատութիւնը, բայց այս աւելի կը զայրացնէր քօլէճեան ուղղութիւնը, որ այլեւս իր հին անունը կորսնցնելով Հասունեան սկսած էր կոչուիլ, այնչափ աճած եւ ընդարձակուած էր Հասունին ազդեցութիւնը: Հռոմէականաց մէջ ալ շատ էին Համազգեացի համակիրներ, եւ նոյն ծերունի Մարուշն ալ (ՀԱՍ. 81), բայց միւս կողմէն Հասուն չէր դադարէր արգելքներ յարուցանել, կիրքեր գրգռել, իրեններուն միտքերը վրդովել, մինչեւ եկեղեցականներու ձեռքով քարոզել թէ հռոմէական եկեղեցին արգելու միաբանիլ ընդ հերետիկոս, հետեւաբար սպառնալով թէ ոչ կարեմք տալ ձեզ արձակումն եւ հաղորդութիւն, քանի որ այդ ընկերութեան մէջ կը մնաք (ՊԷՐ. 332): Այդ մեքենայութեանց հետեւանքն էր հռոմէականներու մէջ հակառակութեանց աճիլը, զի չէին պակսեր դիմադրողներ, թէ Համազգեաց Ընկերութեան գործը երբեք հոգեւորս հաղորդակցութեան հետ յարաբերութիւն չունի, եւ այսպէսով ներքին պայքար մը կը մղուէր երկու կուսակցութեանց մէջ, եւ հետզհետէ կ՚աճէր:

2601. ՀԱՍՈՒՆ ՆԱԽԱԳԱՀ

Նոր պարագայ մըն ալ վրայ եկաւ հռոմէականաց ներքին պայքարը զայրացնելու: Կաթոլիկներու կրօնական իշխանութեան պետ, Մարուշ Պօղոս եպիսկոպոսի, պաշտօնական կոչմամբ Նախագահ արքեպիսկոպոսի ծերութիւնը, եւ անոր անունին ներքեւ Հասունի գործելը քանիցս յիշեցինք, եւ թէ անոր այս չափն ալ քիչ կ՚երեւար եւ իսկապէս պետ դառնալու միջոցները կը խորհէր: Մարուշ 1846 յունիսի մէջ Վոսփորի Պէօյիւքտէրէ գիւղը օդափոխութեան կը գտնուէր. օր մը Հասունի արբանեակ վերդապետներ զայն կը պատեն եւ հրաժարելու կը յորդորեն, մինչեւ իսկ կը ստիպեն թէ եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի օգուտին համար պէտք է որ այսօր նախագահական իշխանութենէ հրաժարիս, եւ գրիչ կաղամար կը ներկայացնեն պատրաստուած հրաժարագիրը ստորագրելու: Մարուշ կը շուարի եւ կ՚այլայլի, ինչ ընելիքը կը շփոթի, եւ պատասխան մը չի տալով նոյն օր ամարանոցէն կը մեկնի, բայց նաւակին մէջ կաթուած իջնալով ծանր վիճակի մէջ Բերա կը հասնի, եւ միայն քանի մը օր ապրելով կը վախճանի յունիս 22-ին շաբաթ օր (ՀԱՍ. 60): Միւս օր Ղալաթիոյ Յիսուս Փրկիչ եկեղեցին յուղարկաւորութեան պատարագին մէջ զոր կը մատուցանէ ինքն Հասուն, սարկաւագութիւն ընողներ ստացած հրահանգներնուն համեմատ Գոհութիւն քարոզին մէջ կ՚աւելցնեն եւ զնախագահ արքեպիսկոպոսն մեր գտէր Անտոն, զի Մարուշի մահուամբ նովին իսկ Հասուն գահակալ կը դառնար, համաձայն 1842-ի պապական կոնդակին 2565), ուսկից սակայն ոչ ոք տեղեկութիւն ունէր, եւ ժողովուրդը անակնկալի հանդէպ գտնուեցաւ, երբ յաջորդի ընտրողական գործողութեան պէտք էր անցնիլ: Բայց Հասուն կրկին իշխանութեանց միանգամայն տէր, խլրտումները արգիլեց, եւ պապական իշխանութեան անսաստելու անտեղութիւնը իբր խրտուիլակ ցուցնելով, կրցաւ ընդդիմադիրները լռեցնել: Ժողով մըն ալ գումարեց 1846 օգոստոս 6-ին երեքշաբթի օր, ուր գտնուեցան 36 եկեղեցականներ եւ իբր 100 աշխարհականներ, եւ կարդալ տուաւ 1842-ի պապական կոնդակը որ յունիս 7 թուական կը կրէր: Ազգային իրաւունքին բռնաբարուած ըլլալուն վրայ դիտողութիւններ ըրին, Յակոբ Տիւզեան եւ Աբրահամ Ալլահվէրտեան ամիրաներ, բայց անոնք ալ գոհացան գրութիւն մը ուղղելով պապին, որ եղածը ապագային օրինակ չսեպուի, որուն Հասուն ալ հաւանեցաւ, զի իրեն բաւական էր որ իր իշխանութիւնը ապահովուէր, եւ ապագան իրեն համար անտարբեր էր: Միայն Տիւզեան պատրաստուելիք գիրին մէջ աւելցնել տուաւ, թէ երկու իշխանութեանց Հասունի անձին վրայ միացած ըլլալը պատահական էր, եւ դարձեալ կրնար բաժնուիլ (ՀԱՍ. 61-66): Գիրերը Հռոմ գացին, բայց Համազգեաց Ընկերութեան խնդիրը եւ Հասունի գահակալութեան եղանակին կնճիռը չվերջացան, եւ կաթոլիկ հասարակութեան մէջ պայքարները եւ միջադէպները եւ Հռոմ ուղղուած բողոքները չդադրեցան, զի Հասուն բացարձակ տէր կրօնական եւ քաղաքական իշխանութեանց, ինքն ինքնին ամէն բան կը տնօրինէր, ոչ ժողով կը ճանչնար, եւ ոչ իշխանապետ. մատակարարութիւնները իւրացուցած` հոգաբարձութեանց եւ եկեղեցպանութեանց գործակցութիւնը կը մերժէր, նուէրներ եւ կտակներ եւ նպաստներ ինքնին կը գործածէր, բայց միւս կողմէն Հռոմ ուղղուած բողոքագիրներ կը յաճախէին, եւ ասոնց քննութիւնն էր, որ Ֆէրրիէրիի յանձնուած էր դեսպանութեամբ Կ. Պոլիս եկած ատեն 1847-ի վերջերը 2597):

2602. ՖԷՐՐԻԷՐԻ ԵՒ ԿԱԹՈԼԻԿՆԵՐ

Ֆէրրիէրիի գալուստը պահ մը ազգային աւանդութեանց պաշտպան կողմին ակնկալութիւն ազդեց, թէ իրենց ձայնը լսելի պիտի ըլլայ, եւ սկսան իրենց մէջ ծրագիրներ կազմել թէ ինչ կարգադրութիւններ ընեն եւ պապական նուիրակին հաստատութեամբ վաւերացնեն: Բայց Ֆէրրիէրի պապական կեդրոնականութեան եռանդուն պաշտպան մըն էր, եւ իրմէ ալ աւելի էր Վեսբասիանի խորհրդականը, որ մօտէն կաթոլիկներու գործերով կը զբաղէր, երբ Ֆէրրիէրի պետութեան եւ Հայոց եւ Յունաց հետ յարաբերութիւններ մշակելու ետեւէն էր: Հասունի արդէն նախածանօթ էին երկուքն ալ, ուստի դժուար չեղաւ երկուքին միտքն ալ գրաւել եւ անոնց ուղղութեան վրայ ազդել, այնպէս որ երկուքն ալ Հասուն ըսին եւ Հասուն լսեցին, եւ առանց անոր գիտութեան ոչ մարդ ընդունեցան եւ ոչ կարծիք յայտնեցին: Միւս կողմէ ազգային կազմութիւն մը ունենալ փափաքողներու նախաձեռնութեամբ 1848 փետրուար 29-ին կիրակի օր ազգային ժողով մը գումարուեցաւ Հասունի նախագահութեամբ, ուր կ՚առաջարկուի կառավարութենէն խնդրել որ արտաքին պատրիարքական իշխանութեան համար երկոտասան անձինքներէ բաղկացեալ ազգային ժողով մը հաստատուի (ՀԱՍ. 72): Հասունի հաճելի չէր առաջարկը եւ կերպկերպ պատճառանքներ յառաջ կը բերէ զայն արգիլելու համար: Ժողովները կրկնուեցան մարտ 2-ին եւ 5-ին առանց Հասունի ներկայութեան, եւ Պետրոս Եաղլըքճեան, Անտոն Երամեան, Սրապ Մանասեան եւ Մկրտիչ Սամանճեան պաշտօն ստացան Հասունը համոզել, բայց Հասուն իրեն համամիտներուն ձեռքով հակառակ հանրագրութիւններ պատրաստել տուաւ, թէ մենք հիմակուան ազգին ընթացքէն գոհ ենք, նոր կարգադրութիւն եւ սահմանադրութիւն չենք ուզեր (ՀԱՍ. 73), եւ անոնց հիմնուելով մարտ 20-ին յայտարարեց, թէ բան մը չեմ կրնար ընել, քանի որ ազգը երկու կողմ բաժնուած է: Վարիչ ժողով ուզողներ մարտ 22-ին ուղղակի կառավարութեան խնդիր մատուցին, Հասուն իրեններուն ալ հակառակ իմաստով խնդրագիր մը տալ տուաւ մարտ 24-ին: Երկու կողմերէն վէճեր սկսան, պատգամաւորներու խորհրդակցութիւն կազմուեցաւ, բայց ի զուր: Այդ ամէն բան կը կատարուէր Ֆէրրիէրիի ներկայութեան, որ երբեք խնդիրին խորը մտնել չուզեց, եւ բոլոր ջանքն եղաւ հասարակութիւնը Հասունի կամքին հնազանդեցնել: Համազգեաց Ընկերութեան կանոնագիրը, որ Հռոմի ալ հաղորդուած էր, գժտութեան խնձոր էր դարձած, հայադաւաններէ եւ հռոմէադաւաններէ խառն կազմութեանը պատճառով, ուստի Ֆէրրիէրի կ՚առաջարկէր որ Հասուն ուրիշ կանոն մը շինէ եւ տայ ձեզի, որուն յայտնի էր որ պիտի չհաւանէին ընկերութեան ներկայացուցիչները: Հասուն գտած պաշտպանութենէն քաջալերուած` ապրիլ 14-ին Ֆէրրիէրիի ներկայութեամբ ժողով կազմեց իրեններուն հետ, եւ այս անգամ Աղքատաց հոգարբարձութիւնն ալ աշխարհականներէն առնելով իրեն սեփականելու խնդիրը մէջտեղ դրաւ: Երկու օր ետքը ապրիլ 16-ին Ֆէրրիէրին Թաքսիմի մօտ Ս. Յովհան Ոսկեբերանի աղքատանոցը կ՚առաջնորդէ, եւ հոգաբարձուներէն հաշուետոմարները պահանջել կու տայ, եւ երբ անոնք կը զլանան, յափշտակութեամբ վերցնելու կը ձեռնարկէ, բայց Յովհաննէս Թօփթաշեան եւ Պօղոս Ղազարոսեան բռնի ձեռքէն կը խլեն (ՀԱՍ 88-89): Նպատակը չի յաջողիր, բայց Հասուն չի յուսահատիր, իրեն նպաստաւոր քանի մը կարգադրութիւններ գիրի կ՚առնէ, եւ անոնք կ՚ուզէ Ֆէրրիէրիի հեղինակութեամբ հաստատել եւ հրատարակել: Այդ նպատակով մեծամեծներ ժողովի կը հրաւիրուին ապրիլ 28-ին, բայց չեն ներկայանար (ՀԱՍ. 90), ասոր վրայ մայիս 4-ին լոկ եկեղեցականներով ժողով կը կազմուի, եւ հոն կը հրատարակուին ծխատիրական ժողովրդապետութիւններ լատինական ձեւին համեմատ. լոկ եկեղեցականներով երկու ժողովներ կը կազմուին պարզ եւ կտակաց հաստատութիւնն ու գործադրութիւնն ու հսկողութիւնը եկեղեցական իշխանութեան կը վերապահուին: Ասոնցմէ զատ ինչ ինչ խնդրանքներ ալ կ՚ուղղուին Փրոփականտային, եւ Ֆէրրիէրիի կը յանձնուին ներկայացնել եւ յաջողցնել (ՀԱՍ. 92): Կառավարութիւնն ալ իր կողմէն հետամուտ էր գործոց ընթացքին եւ փափաքող գժտութեանց վերցուելուն, եւ կարծելով որ գործերը յաջողութեան կը մօտենան, ինքն ալ իր կողմէն ոյժ տալու համար մայիս 5-ին Հասունը եւ տասը մեծամեծներ հրաւիրելով, ի սէր եւ ի խաղաղութիւն յորդորեց (ՀԱՍ. 75): Իրաւ արդիւնք մը գոյացած չէր, բայց իբրեւ թէ թափուած ջանքեր օգուտ մը խոստանային, Ֆէրրիէրին ալ պատեհ սեպեց պատուով հեռանալ, եւ այդ վերջին եղելութեններէն մէկ երկու օր ետքը Կ. Պոլիսէ մեկնեցաւ: Նա կրցաւ թերեւս Հռոմի առջեւ իր ըրածը մեծաբանել, սակայն կաթոլիկ հասարակութիւնը չէր կրնար չտեսնալ նուիրակութեան անպտղութիւնը եւ չզգալ իր յուսախաբութիւնը:

2603. ԿԱԹՈԼԻԿ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Ցորչափ պապական դեսպան կամ նուիրակ Ֆէրրիէրի Կ. Պոլիս կը գտնուէր, եւ ուղղակի կաթոլիկներու ներքին գործերուն կը միջամտէր, օսմանեան կառավարութիւնը փափկանկատ եւ դիւանագէտ ընթացքով վերապահութեամբ կը նայէր այդ խնդիրներուն վրայ, բայց երբ Ֆէրրիէրի 1848 մայսիսն մեկնեցաւ, ուղղակի գործը ձեռք առաւ իրեն հիմ բռնելով մարտ 22-ի եւ 24-ի երկու կողմերէն իրարու հակառակ տրուած աղերսագիրները (ՀԱՍ. 75): Կառավարութեան համար շատ պարզ էր որ պատրիարքարանին մէջ ժողով մը գտնուէր, եւ ոչ թէ պատրիարքին անհատական կամքը իշխէր, ուստի կայսերական հրամանով որոշուեցաւ ժողով ուզողներուն իրաւունք տալ, եւ պատրիարք Հասունի ալ լուր տրուեցաւ, բայց սա միշտ կը պնդէր, թէ ազգը ամբողջութեամբ այդ կարգադրութիւնը չընդունիր քանի որ Համազգեաց Ընկերութիւնը չվերնար (ՀԱՍ. 93): Կառավարութիւնը յատուկ պաշտօնով կաթոլիկաց պատրիարքարանը ղրկեց արքունի դրան առաջին թարգման Էմին էֆէնտին յունիս 28-ին, եւ եւ յետոյ յուլիս 6-ին ընդհանուր քարտուղար Սաիտ էֆէնտիի հետ, խնդիրը կտրուկ կերպով վերջացնելու հրահանգով: Յատուկ ժողով հրաւիրուեցաւ, ուր գտնուեցան ինքն Հասուն, եւ 10 եկեղեցականներ եւ 24 աշխարհականներ իր ուզածներէն, եւ 24 հոգի ալ Համազգեաց Ընկերութեան պաշտօնակալներէն: Էմին էֆէնտին յանուն կառավարութեան խօսելով յայտարարեց թէ տէրութիւնը վարիչ ժողով ուզողներուն խնդրանքը օրինաւոր գտած է, կայսեր ալ ներկայացուցած է, որ իր հրամանագիրն ալ արձակած է զոր եւ կարդաց: Հրամանագիրին պարունակութիւնն էր, կաթոլիկ պատրիարքարանին մէջ Երկոտասանից Ժողով հաստատել պատրիարքին նախագահութեամբ եւ երեսփոխաններու քուէով ընտրուած, որոշումները մեծամասնութեամբ պիտի տրուին, ժողովը, սեփական կնիք պիտի ունենայ, եւ կառավարութեան տրուելիք գրութիւններ պատրիարքի եւ ժողովի կնիքները պիտի ունենան: Հասունի կողմէն Համազգեաց խնդիր յուզուելուն վրայ, կանոնագիրը քննութեան առնուեցաւ, կամաց կամաց Հասունի կողմնակից աշխարհականներ պահանջեցին որ ընկերութեան կանոնագիրը փոփոխուի այն կերպով, որ միայն հռոնէադաւաններ ընդունուին, եւ վարիչ մարմիններէն չորս խորհրդական, երկու խաղաղարար, եւ չորս գրաքննիչ եկեղեցական ըլլան եկեղեցական իշխանութենէ ընտրուած: Պետական պաշտօնեաներ այդ պայմանները չհաստատեցին, բայց ինչ ինչ մանր փոփոխութիւններ մտցնելով կանոնագիրը հաստատեցին, եւ այսպէս գոնէ պաշտօնական կերպով վարիչ ժողովոյ եւ Համազգեաց Ընկերութեան խնդիրները փակուեցան 1848 յուլիս 6-ին, սակայն գործադրութիւնը յապաղեցաւ Հասուն պատրիարքի հանած արգելքներով: Միայն երկոտասանից ընտրութեան համար բռնադատեալ ժողով գումարեց օգոստոս 10-ին, բայց ժողովին արդիւնքն ալ խանգարեց, սակայն կառավարութիւնը կը պնդէր իր որոշումը գործադրել, եւ Հասուն ձեռքն ունեցած երկու իշխանութիւններէն քաղաքականը թողուլ հարկադրուեցաւ եւ պատրիարքութենէ հրաժարելու ստիպուեցաւ, գլխաւորապէս Հռոմի օժանդակութենէն ինքզինքը զրկուած գտնելով, զի Պիոս Թ. պապ Հռոմը թողած էր ժողովուրդին ապստամբութեանը պատճառով, եւ գործէ քաշուած Նէապոլսոյ թագաւորութեան Կայիթա քաղաքը ապաւինած էր: Հասունի հրաժարականը շուտով ընդունուեցաւ, եւ նոյեմբեր 26-ին նոր ընտրութեան ժողով գումարուեցաւ, եւ ազգապետ պատրիարք ընտրուեցաւ Յովհաննէս Սելվեան վարդապետ, որ Կարնոյ առաջնորդ էր. դեկտեմբեր 31-ին Կ. Պոլիս հասաւ, եւ 1849 յունուար 1-ին գործի ձեռնարկեց (ՀԱՍ. 108): Առաջիկային կը թողունք Կաթոլիկ հասարակութեան պատկանող յաջորդ եղելութիւնները քաղել:

2604. ԲԵԹՂԵՀԷՄԻ ԽՆԴԻՐԸ

Երուսաղէմի գործերուն պատմութիւնը թողուցինք Զաքարիա Կոփեցիի պատրիարքական աթոռ բարձրանալուն 1841-ին 2553), որուն պաշտօնավարութիւնը երկար չեղաւ, զի թէպէտ տարիքով շատ ծանրացած չէր, այլ չորս ու կէս տարիէ վախճանեցաւ ախտիւ ջրգողութեան (ՍԱՒ. 1257), տակաւին 66 տարեկան: Այս պատճառով Զաքարիա, թէպէտ ընտիր ձիրքերով ճոխացած եւ բարձր միտքի եւ կարողութեան տէր եւ աթոռ բարձրանալէ առաջ նշանաւոր արդիւնաւորութիւն ունեցած, սակայն պատրիարքութեան միջոցին յիշատակաց արժանի շատ գործեր չկրցաւ կատարել: Սուրբ տեղեաց մէջ ազգային իրաւունքներու նախանձայոյզ պաշտպան, եւ մանաւանդ խափանուած եւ կորած իրաւունքներու վերանորոգման հետամուտ` յատուկ մտադրութիւն դարձուց Բեթղեհէմի Ս. Ծննդեան ընդհանուր տաճարին եւ Հայոց մասին նուիրակին այրին շուրջը յուզուող խնդիրներուն, որոնք հայութեան նուազ նպաստաւոր կերպով փակուած էին մեծ կարգադրութեան ատեն 2417), եւ անհատնում վէճերու եւ կռիւներու առիթ կ՚ընծայէին: Զաքարիայի պատրիարքութեան միջոցը անընդհատ շարք մը եղաւ Բեթղեհէմական խնդիրներու, եւ ամենէն տարրական նիւթեր, դուռ, բանալի, շարան, կանթեղ, պատկեր, սանդուխ, մուտք, անցք եւ նմանիք, անսպառ վէճեր յարուցին, եւ որ եւսն է ոչ միշտ միեւնոյն ուղղութեամբ յառաջեցին, այլ յարափոփոխ ելեւէջով, մերթ Հայոց եւ մերթ Յունաց կողմը յաջող եղան, ըստ որու բարձրագոյն դուռնէն եւ տեղական կառավարութենէն այս կամ այն կողմը իրեն նպաստաւոր հրամաններ կրնար հանել տալ: Դուռերը բացուեցան եւ փակուեցան, բանալիներ տրուեցան եւ առնուեցան, սանդուխներ քակուեցան եւ շինուեցան, անցքեր գործածուեցան եւ խափանուեցան, բայց վերջապէս Յունաց կողմը աւելի նպաստաւոր մնացած կը մնայ ցարդ, զի տարաժամ մահ Զաքարիա պատրիարքի եւ խռովութիւն ազգայնոց ի Կոտանդնուպոլիս (ԱՍՏ. Բ. 527) արգիլեցին գործերու հետապնդումը: Մենք, ազգային ընդհանուր եղելութիւնները միայն քաղելու մտադիր, զանց կ՚ընենք այդ դարձուածներու մանրամասնութիւնները յիշել, որոնք ընդարձակ կերպով յառաջ բերուած են սաղիմական պատմագիրներէն (ՍԱՒ. 1243-1247, եւ 1254-1256, ԱՍՏ. Բ. 513-530): Խնդիրին գլխաւոր կէտը կը հիմնուէր տաճարին մեծ դրան վրայ, որ հաւասարապէս Հայոց եւ Յունաց մուտքը պիտի ըլլար, եւ պէտք էր երկու կողմերուն սեփական բանալի ունենալ ազատօրէն մուտեւել գործելու համար, մինչ Յոյներ հակառակ պետական հրամաններուն, որ Ս. Ծննդեան սրբավայրը բաժնեկից սեփականութիւն հռչակած էր երեք ազգերու, ինքնզինքն տաճարին բացարձակ տէրը կարծելով, կ՚ընդդիմանային Հայոց սեփական բանալի ունենալուն եւ Հայեր մտնելու եւ ելլելու համար Յոյներու քմահաճոյքին ենթարկեալ կը մնային (ԱՍՏ. Բ. 515): Յոյներուն մեծ փաստն էր նորոգութեանց արտօնութիւնը իրենց տրուած ըլլալը, եւ որչափ ալ նոր հրովարտակը յայտնապէս ըսած էր, թէ թէպէտ ընդհանուր նորոգութիւն յանձն եղեւ Յունաց, այլ ոչ երբեք տիրել եւ սեփականել եւ բռնաբարել զիրաւունս իւրաքանչիւր ազգի (ԱՍՏ. Բ. 517), բայց Յոյներ միշտ խաղերով եւ պատճառանքներով, եւ մանաւանդ հնչուն փաստերով, կը յաջողէին իրենց յանկուցանել գործադիր իշխանաւորները: Դրան խնդիրին հետ կը յուզուէին նաեւ տաճարին եւ այրին մէջ կախուած կամ կախուելիք զարդերուն Յունաց բաժինը անցնելուն, եւ անկէ դէպի սուրբ այրը երթալու համար բացուած երեք ոտք սանդուխը:

2605. ՍՈՒՐԲ ՏԵՂԵԱՑ ԽՆԴԻՐՆԵՐ

Սուրբ Յարութեան տաճարին շուրջն ալ խնդիրներ կը յուզուէին, թէպէտ ոչ այնչափ շատ եւ ոչ այնչափ սաստիկ որչափ Ս. Ծննդեան տաճարին շուրջը: Ս. Յարութեան տաճարին խնդիրը կը դառնար գլխաւորապէս չորս սենեակներու վրայ, որոնք մաս կը կազմէին հրդեհէն առաջ Հայոց վերնատունի եկեղեցւոյն, եւ որոնց շնութիւնը թերի մնացած էր վերջին շինութեան ատեն, եւ յատկապէս երկուքը որ մեծ դրան կամարին վրայ կը տարածուէին, զանց էին եղած, եւ նոյնիսկ այն ժամանակ կազմուած արձանագրութեանց մէջ ալ յիշուած չէին: Այդ մասին թափուած նոր ճիգերը, նոր առնուած հրովարտակներ, եւ նոր բացուած գրութիւններ արդիւնք չունեցան, զի Ս. Յարութեան շուրջը եղող խնդիրներ եւ իրաւունքներ ժամանակին վերջնականապէս փակուած կը նկատուէին: Խնդիր մըն ալ տեղի ունեցաւ Ս. Յովհաննէսի փոքրիկ եկեղեցւոյն մասին, որ կը գտնուի Ս. Յարութեան արտաքին բակին արեւելակողմը, եւ կից է Հայր Աբրահամ վանքին, որ կանխաւ Եթովպացւոց էր եւ յետոյ Յունաց սեփականութիւն էր եղած: Յոյներ այս վանքին նորոգութեան ձեռնարկելով կանգուն մը ցածցուցին Ս. Յովհաննէս եկեղեցիին տանիքը, պատճառելով թէ եկեղեցւոյն տանիքն ու օդը իրենց սեփականութիւն են: Խնդիրը Երուսաղէմի մէջ չկրնալով վերջանալ, մայրաքաղաք ալ դիմում եղաւ նոր ընտրուած Մատթէոս պատրիարք ալ դիմումներ կրկնեց, քննութիւներ հրամայուեցան եւ կատարուեցան, ու Հայոց իրաւունքները երեւան եկան, բայց Յոյներ ջանացին միշտ խնդիրները շփոթել եւ կնճռոտել, Հայոց նպաստաւոր որոշումներն արգիլել, եւ վերջապէս ոչ ետուն թոյլ շինել Հայոց, զտանիս եկեղեցւոյն, եւ մնաց այնպէս որպէս եւ էրն (ԱՍՏ. Բ. 530): Ինչպէս կը տեսնուի խնդիրներու եւ վէճերու անընդհատ շարք մը եղաւ Զաքարիայի պատրիարքութիւնը, մխիթարական յաջողութենէ զուրկ, հակառակ անդուլ անդադար ճիգերու, եւ ամէն միջոցներ գոծածուած ըլլալու, այնպէս որ Զաքարիա խորին տխրութեան մատնուած եւ կասկածելով թէ մի' գուցէ իր անձն ըլլայ ձախողութեանց պատճառը, Կ. Պոլսոյ փոխանորդին կը գրէր, որ եթէ չհաւանին իմ կառավարութեան, ես ոչ հակառակիմ, այլ իմ յօժարութեամբ գրեմ զիմ հրաժարական: Այսպէս կը գրէր, զի սպասածին չափ օգնութիւն չէր տեսներ Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանէն, որոււն իսկական պատճառը ոչ թէ իր անձն էր, այլ ազգային ներքին շփոթութիւնը, որ կը տիրէր մայրաքաղաքի հայութեան մէջ, եւ չէր ներեր ուրիշ գործերու մտադրութիւն դարձնել:

2606. ՏՊԱՐԱՆ ԵՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Զաքարիայի օրով սուրբ տեղեաց խնդիրներուն յաջող ելք մը ունեցած չըլլալը պատմելով, երբեք պիտի չկարենանք անոր տկարութեան կամ անփորձութեան վերագրել ձախողութեանց պատճառը, զի իր աշխոյժ գործունէութեան եւ անվհատ յարատեւութեան հաստատուն գրաւականներն ունեցանք արդէն Կ. Պոլսէն եւ Երուսաղէմի փոխանորդութեանց օրերէն: Ասով մէկտեղ ինքն ալ կը խոստովանի թէ աւելի ըստ իմս ըղձի է, զտպարանն պայծառացուցանել եւ դպրատուն մի օրինաւոր կարգադրութեամբ հաստատել (ԱՍՏ. Բ. 519): Եւ իրօք ալ ինքն եղած է Երուսաղէմի աթոռին մէջ այդ երկու հանրօգուտ հաստատութեանց նախասկիզբը: Պատմեցինք արդէն տպարանը բանալու համար պատրիարքութենէն առաջ թափած աշխատութիւնը եւ ունեցած արդիւնքը, պատրիարքութեան ատեն աւելի եռանդով կը ջանայ մղում տալ տպարանին, եւ նախնի մատենագիրներու հրատարակութեան ալ կը ձեռնարկէ, եւ տպագրել կու տայ մկրտութեան Կանոնեալ Մաշտոցը, Յովհաննէս կաթողիկոսի Պատմութիւնը, եւ Ներսէս Լամբրոնացիի Խորհրդածութիւն Սուրբ Պատարագի (ՆՇՆ. 24): Նորատիպ գիրքեր Կ. Պոլիս հասնելուն Աստուածատուր պատրիարքի հաճոյական չեղան, զի ոչ միայն ընդ ակամբ հայէր ի Զաքարիա, այլեւ քննադատելու եւ գնահատելու կարողութիւն չունէր: Մաշտոցը հին գրչագիրներու հետեւողութեամբ տպուած, տեղ մը կը տարբերէր գործածական մաշտոցէն. Լամբրոնացին հռոմէականութեան միտեալ կը ճանչցուէր, եւ Զաքարիայի զայն հրատարակելը իր Մխիթարեանց շփուած ըլլալուն 2554) կը վերագրուէր. եւ Յովհաննէս կաթողիկոսի պատմութեան մէջ ազատաբար գրուած կտոր մը գրգռիչ կը դատուէր: Աստուածատուր ոչ միայն այդ գիրքերուն վաճառումը կ՚արգիլէ, այլեւ հրաման առաքէ փակել զտպարանն: Բնական էր որ Զաքարիա յանձն չառնէր տպարան փակել, այլեւ զհետ լինէր նորանոր հրատարակութեանց (ՍԱՒ. 1248), որոնք տասն եւ մէկի կը հասնին (ՆՇՆ. 21), բայց եւ միանգամայն խնդիր չյարուցանելու համար Մաշտոցը հրապարակէն ետ կը քաշէր, Յովհաննէս կաթողիկոսէ նկատի առնուած էջը կը զեղչեր, իսկ Լամբրոնացին նոյնութեամբ կը վաճառուէր: Տպարանի հետ վարժարանի գործն ալ Զաքարիայի մտադրութեան առարկայ էր, զի այլեւս բաւական չէր կրնար սեպուիլ փոքրաւորական դրութեամբ ստացուած ուսումը, եւ դպրոցական դրութիւնը ամենուրեք տարածուած էր, եւ ինքն Զաքարիա ալ անոր ճաշակն առած էր Էջմիածին եւ Վենետիկ: Առաջին վարժարանը բացաւ անմիջապէս իր աթոռ բարձրանալէն ետքը Ռէմլէի Ս. Գէորգ վանքին մէջ, անշուշտ կրթութիւնը լռին եւ հանդարտ միջավայրի մէջ պահելու մտածումով, եւ Տիգրանակերտցի Ստեփան վարդապետի հոգաբարձութեամբ եւ Տարոնացի Խաչատուր քահանայի ուսուցչութեամբ, ուր եւ հաւաքեց 30-ի չափ աշակերտներ (ԱՍՏ. Բ. 532): Կիրակոս եպիսկոպոսն ալ միաբանութեան մէջ Զաքարիայի հրահանգիչն էր եղած 2554), թէպէտ անկէ երեք տարեկան կրտսեր, այժմ անոր փոխանորդութիւնը կը վարէր, եւ անոր հրամանով Ժառանգաւորաց Վարժարանի կանոնագիր ալ պատրաստեց 1843 յուլիս 23-ին: Հսկողութեան պահանջը ստիպեց երկրորդ տարւոյն վերջը վարժարանը Ռէմլէէ Երուսաղէմ բերել, բայց միշտ հանդարտ ու ազատ մթնոլորտի մէջ պահելու գաղափարը թելադրեց վանքէն բաժան առանձին տունի մը մէջ զետեղել: Այդ միջոցին Երուսաղէմ ուխտի կու գայ Բերիացի Մուրատ Պօյաճեան, Արմաշու վանքին ուսուցիչը եւ իր ժամանակին նշանաւոր գիտնականը 2440). Զաքարիա զայն կը համոզէ Երուսաղէմ մնալ, եւ Մուրատ կը համակերպի, մանաւանդ որ իր հայրենական շրջանակին մօտ եղած կ՚ըլլար. եւ կը ստանձնէ տեսչութիւնն եւ ուսուցչութիւնը, ուսումնական ծրագիրին վրայ ճարտասանութիւն եւ տրամաբանութիւն աւելցնելով: Վարժարանը տակաւ կը զարգանար եւ տայր պտուղս հարիւնրաւոր, երբ Զաքարիայի վախճանը կը հասնի: Մուրատի աշակերտներուն նշանաւորագոյնը եղած է սարկաւագ Մարսուանցի Կարապետ, ապա լուսարարապետ եպիսկոպոս, որուն վրայ իր կարգին պիտի խօսինք:

2607. ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆԸ

Զաքարիայի օրով տեղի ունեցած դէպքերուն մէկն ալ Եգիպտոսի տեսչութեան կամ առաջնորդութեան Երուսաղէմի պատրիարքութենէն վերջնականապէս բաժնուիլն է, որ կանուխէն յառաջացած եւ գրեթէ լրացած գործ մըն էր: Երուսաղէմ իր սահմանին մէջ եւ իր իրաւասութեան ներքեւ եղող հայաբնակ տեղերը ուղղակի իբր աթոռի վիճակ նկատելով, սովորութիւն ունի պարզ տեսուչներով կառավարել եւ վիճակային տեղական վարչութեան կերպարանը չէ տուած: Այդպէս է մինչեւ ցայսօր, այդպէս էր եւ Եգիպտոս, որ ի սկզբանէ անտի Երուսաղէմի թեմ էր եղած, եւ ուր պարզ տեսուչներ կը յղուէին, զի ոչ երկիրը կարեւորութիւն եւ ոչ հայաբնակութիւնը նշանակութիւն ունէին: Բայց այդ կացութիւնը սկսած էր փոխուիլ յորմէ հետէ Եգիպտոս փոխարքայութիւն էր եղած 2451), եւ հայաբնակութիւնն ալ շատցած եւ բարձրացած, մանաւանդ Եուսուֆեան Պօղոսի ազդեցութեան ներքեւ: Այդ փոփոխութեան հետեւանք էր որ Եգիպտոս ալ փափաքէր առաջնորդական վիճակի ձեւ առնել եւ ազգային տեղական վարչութիւն ունենալ, եւ յատուկ մատակարարութիւն կազմել: Կիրակոս եպիսկոպոսի տեսչութեան օրով այդ ձգտումները աւելի աճեցան եւ ընդարձակուեցան, զի Կիրակոս առ ի չզայրացուցանելոյ զգլխաւորս ժողովրդեանն կատարէր զկամս նոցա (ՍԱՒ. 1217) բայց օրինական ձեւերը չխախտեցան մինչեւ անոր տասնամեայ պաշտօնավարութեան վերջը (ԱՍՏ. Բ. 504), այսինքն մինչեւ 1834 (ՍԱՒ. 1215): Երբոր Կիրակոս եպիսկոպոս Երուսաղէմ կը դառնար, իրեն տեղ տեսուչ նշանակեց Գերմանիկցի Գաբրիէլ վարդապետը` կարեւոր հրահանգները տալով, եւ յարաբերութեանց ձեւը պահել յանձնարարելով, բայց Գաբրիէլի մտադրութիւնը տարբեր էր, ոչ միայն տեղական ձգտումներու կողմը շահուած էր, այլեւ իրեն նոր ասպարէզ կազմելու կ՚աշխատէր: Սկսաւ Երուսաղէմի կալուածական հասոյթները, փոխանակ պատրիարքարան հասցնելու, տեղւոյն վրայ գործածել, նուիրակ վարդապետներու թողօնները իւրացնել, զանց չընելով արտաքնայարդար հպատակութեան գիրեր յղել Երուսաղէմ: Բայց Պօղոս արքեպիսկոպոս տեսնելով իրաց ընթացքը Գաբրիէլը ետ կոչեց Երուսաղէմ, բայց այս անգամ Եգիպտացիք չթողուցին զայն մեկնիլ. զի ուզած անձերնին գտած էին, եւ ետ դարձուցին Դաւիթ Կարնեցին, որ փոխանակելու եկած էր: Պատահական հրդեհ մը այն միջոցին հրկիզեց աթոռի կալուածներ, որոնց շինութեան համար լաւ գումար մը յղուեցաւ Պօղոսի կողմէ, բայց Գաբրիէլ եւ Եգիպտացիք ուրիշ նպատակներու գործածեցին գումարը, եւ ձեռնարկեցին շինել Ս. Աստուածածնայ նոր եկեղեցին, փոխանակ հին եւ անձուկ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյն, որ ի խորշս խբթի վանաց, եւ որ ժամանակին ստացուած էր ընդ մատրան խբթոց ի սնարս գերեզմանին Քրիստոսի ի Ս. Յարութիւն, եւ 1606-ին նորոգուած (ԱՍՏ. Բ. 505): Ասոր վրայ Եգիպտահայեր Գաբրիէլի եպիսկոպոսացման վկայականը կը խնդրեն, որ առաջ մերժուեցաւ աթոռին կողմէ տարաժամ նկատելով, բայց երբ Պօղոս Եուսուֆեան, Ալեքսան Եղիազարեան եւ Միքայէլ Խաչերեան թախանձանքը երկրորդեցին, հարկ եղաւ զիջանիլ, եւ Գաբրիէլ ալ վկայականը ստանալէն ետքը նորէն հպատակութեան եւ հաւատարմութեան յայտարարութիւնները կրկնեց, (ՍԱՒ. 1219), բայց Էջմիածին երթալու դժուարութիւնները պատճառելով փութաց Սիս երթալ եւ ձեռնադրութիւն ընդունիլ Կիլիկիոյ Միքայէլ Կաթողիկոսէն 1839 յունիս 15-ին (ԱՍՏ. Բ. 507): Այլեւս Գաբրիէլ սպասելիք չունէր, եւ բացէբաց յարաբերութիւնները խզեց, կալուածները իւրացուց, Երուսաղէմը իր հասոյթներէն զրկեց, պատրիարք անունն ալ սկսաւ գործածել պետական յարաբերութեանց մէջ: Գաբրիէլ իբր ուրոյն եւ անկախ վիճակի տէր բարձրագոյն դուռէն առաջնորդական հրովարտակ ալ ստացաւ Յակոբոս պատրիարքի ձեռքով: Զաքարիա պատրիարք 1844 յունիսին դարձեալ փորձեց Գաբրիէլը ետ կոչել, եւ Դաւիթը Եգիպտոսի առաջնորդ անուանել, բայց չյաջողեցաւ, եւ Եգիպտոս վերջնապէս բաժնւեցաւ Երուսաղէմի իրաւասութենէն (ՍԱՒ. 1220). իսկ աթոռական կալուածները Եգիպտոսի առաջնորդութեան ձեռք մնացին մինչեւ 1867, այսինքն մինչեւ Գաբրիէլի մահէն ետքը եւ ուր ուրեմն կրցան նորէն Երուսաղէմի դառնալ (ՍԱՒ. 1221):

2608. ԶԱՔԱՐԻԱՅԻ ՎԵՐՋԻՆ ՕՐԵՐԸ

Արդէն յիշեցինք թէ սակաւօրեայ եղաւ Զաքարիայի պատրիարքութիւնը 2604), տեւական եւ յամրընթաց ախտ մը ունենալը յիշուած չէ, եւ ջրգողութեան ախտը որ իբր մահուան պատճառ կը ցուցուի, իրաւամբ կրնայ հետեւանք սեպուիլ տխրութեան եւ թախծութեան, որ կարեվէր համակուեցաւ տեսեալ զձախող ելս ձեռնարկեալ, մանաւանդ եկեղեցւոյն Բեթղեհէմի եւ սենեկաց Ս. Յարութեան (ԱՍՏ. Բ. 532), որ եւ երկար ալ չտեւեց: Տպարանի յառաջադիմութիւնը եւ վարժարանի հաստատութիւնը, իրենց ներքին կերպարանովը չէին կրնար փոխարինել արտաքին ձախողուածներուն ցաւը, եւ Զաքարիայի սիրտը ճնշեց այդ վիճակը, մանաւանդ որ նա իր նախընթացքէն քաջալերուած կրնար իրեն փառաւորագոյն պատրիարքական ասպարէզ մը սպասել: Ասով մէկտեղ ոչ մի պարագայ իրաւունք կու տայ մեզ Զաքարայի գործունէութիւնը մեղադրել կամ արժանիքը նուազեցնել, զի գործոց ընթացքին վրայ ազդողը աւելի օտար միջամտութեանց զօրանալն էր, եւ յունական հնչուն փաստերու առաւելութիւնը, եւ ստիպուած կը կրկնենք, Աստուածատուր պատրիարքի օրով թէ անոր ապիկարութենէն եւ թէ տիրող պարագաներու երեսէն Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանին պէտք եղած ձեռնտուութեան մէջ թերանալը: Ինչչափ որ ձեռքէն կու գար Զաքարիա աշխատեցաւ եղածը պահպանելու, զի իր ձախողութիւնը ոչ թէ եղածը կորսնցնելն եղաւ, այլ կորածը ետ դարձնելու անհնարութիւնը: Աթոռին եւ իր պատիւը գիտցաւ պաշտպանել եւ միշտ բարձր պահել, եւ արքայազուն իշխաններ ալ, ինչպէս Պարսից թագաժառանգ Նասրէտտին Միրզան 1842 նոյեմբեր 1-ին, եւ Բրուսիոյ արքայեղբայր Ալբերտ իշխանը 1843 ապրիլ 28-ին, յարգանօք այցելեցին Հայոց պատրիարքին: Անոնց նմանութեամբ նաեւ Երուսաղէմի մէջ նոր հաստատուող եւրոպական պետութեանց հիւպատոսները (ՍԱՒ. 1231): Զաքարիայի առաւելութեանց կարգին յիշենք նաեւ անոր անունին Ներսէս Աշտարակեցիի հետ իբրեւ կաթողիկոսական քուէով ռուսաց կայսեր ներկայացուիլը 2570), որչափ ալ նախապատուութիւնը Ներսէսի տրուած ըլլայ, բայց Ներսէս ինքն ալ ջանաց պատուել իր ընտրելակիցը, միջնորդելով ռուսաց կայսեր մօտ, որ կաթողիկոսներու տրուած թանկագին պանակէին համահաւասարը Զաքարիայի ալ նուիրուի, ինչպէս որ ալ նուիրուեցաւ եւ յղուեցաւ, զոր Զաքարիա չուզեց ընդունիլ մինչեւ որ տուչութեան հրովարտակն ալ միասին չներկայացուէր, որ առաջին անգամ զանց եղած էր: Օսմանեան կայսր Ապտիւլ Մէճիտ ալ իր հաստատած Մէճիտիէ շքանշանին առաջին աստիճանովը կը պատուէ Զաքարիա պատրիարքը 1846 յունուար 28-ին, որ սակայն արդէն մահացու ախտով տկարացած էր եւ հազիւ երեքուկէս ամիս եւս ապրեցաւ, եւ նոյն 1846 տարւոյ 7-ին, Երեւման խաչին երեքշաբթին հոգին աւանդեց, եւ 8-ին հանդիսաւոր յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ Պօղոս արքեպիսկոպոսի նախագահութեամբ, եւ մարմինը ամփոփուեցաւ Ս. Փրկչի ներքին ճեմելիքներուն մէջ, նախորդ պատրիարքներուն կարգին: Դեռ եւս գործելու յարմար եւ 66 տարեկան էր Զաքարիա մահուան ատեն, եւ 4 տարի 6 ամիս 13 օր պատրիարքութիւն վարած կ՚ըսուի (ՍԱՒ. 1257), հաշուելով 1841 նոյեմբեր 24-էն, որ է հաստատութեան հրովարտակին պաշտօնապէս կարդացուելուն եւ աթոռ բազմելուն օրը 2553):

2609. ԶԱՔԱՐԻԱՅԻ ՄԱՀԷՆ ԵՏՔԸ

Տակաւին կենդանի էր ծայագոյն կառավարիչ Պօղոս Ադրիանապոլսեցին, թէեւ 83 տարեկան ալեւորեալ տարիքի հասած, որ Զաքարիայի պատրիարքական աթոռ բարձրանալէն իվեր քաշուած էր կառավարութենէ եւ գործունէութենէ, եւ միայն կը պատուուէր իբրեւ մենտոր, որով ամէնքը եւ ինքն Զաքարիա ալ յարգէին զխորհուրդս, եւ յամենայն խնդիրս ծանունս դիմէին առ նա ի խորհրդակցութիւն: Կիրակոս եպիսկոպոս որ Զաքարիայի փոխանորդն էր եւ տակաւին 63 տարեկան էր, անմիջապէս յանձն առնու զսանձ տեսչութեան աթոռոյն, որուն արդէն փորձառու եւ ծանօթ էր, եւ բացարձակ կերպով ալ արժանաւորագոյն անձը ճանչցուած էր: Կիրակոսի տեղապահութեան օրէն կատարած գործերէն կը յիշուին Զաքարիայի հիմնած Ժառանգաւորաց Վարժարանին Երուսաղէմի մասնաւոր տունէն Ս. Յակոբայ վանքին մէջ փոխադրուիլը, մանաւանդ որ աշակերտներու թիւն ալ նուազած էր Մուրատ վարժապետի մեկնելէն ետքը: Կիրակոսի կարգադրութեամբ էր նաեւ որ վանական եւ ուխտաւոր ժամարարներու ժամուցը հինգ դահեկանի բարձրացաւ ընդհանրապէս: Ժամուցը նախապէս երեք դահեկան եղած է վանականներուն համար, եւ Ճանիկ ամիրա Փափազեան 1845 մարտ 24-ին ուխտի գալուն առթիւ 25000 դահեկան նուիրած էր իբր դրամագլուխ, անոր շահով ժամուցները չորս դահեկանի բարձրացնելու, բայց Զաքարիա չէր հասած գործադրութիւնը կատարել, եւ Կիրակոս տեղապահ զայն կարգադրեց չորս դահեկանը հինգի բարձրացնելով: Ճանիկ Երուսաղէմ գտնուած ատեն Իւսկիւտարի ճեմարանին պահպանութեան համար Երուսաղէմի աթոռէն պահանջուած 60000 դահեկան գումարին խնդիրն ալ յուզէր, զի Զաքարիա զլացած էր, թէ ապառիկ մնացածներուն եւ թէ իր ժամանակի գումարներուն վճարումը: Այս միջոցին ճեմարանի վերաբացումին խօսքերը կը պտըտէին եւ մօտալուտ գործադրութեան պատրաստութիւնները սկսած էին 2592), եւ Ճանիկ յաջողեցաւ վերջապէս 150000 դահեկան գանձել Զաքարիայի ձեռքէն (ՍԱՒ. 1255): Կիրակոս գործի գլուխ անցնելով զլացման վրայ պնդեց, թէպէտեւ ժամանակով ինքն էր եղած նոյն ճեմարանին պաշտպանը 2540), իբր զի ոչ ճեմարանը ակնկալուած նպատակին ծառայեց, ոչ ալ անկէ Երուսաղէմի համար խոստացուած օգուտները իրականացան, եւ ոչ ալ աշակերտներէն միաբանութեան մտնելու խոստումը կատարուեցաւ: Այս գլխաւոր կարգադրութեանց հետ Կիրակոս ըստ ամենայնի յառաջ կը վարէր աթոռին ներքին բարեկարգութիւնը եւ արտաքին գործառնութիւնները երբ յաջորդի ընտրութեան խնդիրն ալ կը ծեծուէր:

2610. ԿԻՐԱԿՈՍԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Աթոռը թափուր պէտք չէր մնար եւ յաջորդի ընտրութեան անցնիլ անհրաժեշտ էր, ուստի Պօղոս Ադրիանապոլսեցին գործին գլուխ կանգնեցաւ, եւ իր նախագահութեամբ միաբանական ժողով հրաւիրեց մայիս 16-ին նախորդին մահուանէն ինն օր ետքը: Խորհրդակցութիւնք երկարեցան արժանաւորագոյն ընտրելին գտնալու համար, Պօղոսի վրայ խօսիլ իսկ աւելորդ էր, եւ յառաջադէմ եպիսկոպոսներէն Մարկոս Պօթուշանցի փակակալ եւ Կարապետ Եւդոկիացի դարպասընկալ արդէն ծերացած էին, եւ Յովհաննէս Զմիւռնացի Կ. Պոլսոյ փոխանորդ աղիկամի գործերուն եւ իր գործոց համար ու հաշիւ չտալուն միաբանութեան հետ գժտած եւ փոխանորդութենէ ալ քաշուած Օրթաքէոյ կը մնար իբր քարոզիչ 2595), եւ փոխանորդութիւնը կը վարէր Յովհաննէս Կոլոտ Եւդոկիացի վարդապետը, աշակերտ Եղիա եպիսկոպոսի, որ Երուսաղէմէ Կ. Պօլիս երթալուն Միգնոս կղզին վախճանած էր: Կը մնար միայն Կիրակոս ոչ միայն համեմատական տեսութեամբ, այլեւ բացարձակ արժանաւորութեամբ ըստ ամենայնի նախադասելի եւ միակ ընտրելի, բայց անոր մասին ալ դժուարութիւններ կային: Նախ որ բնիկ Երուսաղէմացի էր` Ջուղայեցի Մնացականի որդի, եւ աթոռական կանոնով մը Երուսաղէմացին ոչ թէ պատրիարք, այլեւ միաբան իսկ չէր ընդունուէր: Կիրակոս սկիզբէն ալ միաբանութեան աշակերտած չէր, այլ կանուխէն իր երէց եղբօր Գէորգի հետ Կ. Պոլիս էր պանդխտած, ուր երկուքն ալ պահ մը արհեստի հետեւած էին, բայց ուսման եւ եկեղեցականութեան փափաքով Ադրիանուպոլիս կ՚անցնին եւ առաջնորդ Միքայէլ եպիսկոպոսին կ՚աշակերտին, ուսկից նախ Գէորգ, իսկ յետոյ Կիրակոս 1807-ին քահանայական եւ վարդապետական աստիճան կը ստանան: Չորս տարի ետքը 1811-ին Միքայէլ եպիսկոպոսի 1810-ին վախճանելէն ետքը երկու եղբայրներ Ադրիանուպոլիսէ կը մեկնին Երուսաղէմ իրենց ծննդավայրը դառնալու, բայց Գէորգ ճանապարհին Զմիւռնիա կը վախճանի սեպտեմբեր 21-ին, եւ Կիրակոս մինակ Երուսաղէմ կը հասնի, Ս. Յակոբայ վանքին մէջ կը հիւրընկալուի եւ յաջողակութիւնը տեսնուելով դիւանի պաշտօնեայ կ՚անուանուի Թէոդորոս պատրիարքէ, եւ կարգ ըստ կարգէ աստիճանով կը բարձրանայ եւ ամէն պաշտօններ կը վարէ իբր կատարեալ միաբան, ինչպէս որ պատմութեանս մէջ տեսնուեցաւ: Ըստ այսմ 1811-է 1845, 35 տարի էր որ իբրեւ միաբանակից նկատուած էր երուսաղէմացի ըլլալով հանդերձ, եւ այլեւս իր ծննդավայրը պէտք չէր խնդիր ըլլար, զի միաբանական համահաճութեամբ, եւ Թէոդորոս ու Գաբրիէլ ու Զաքարիա պատրիարքներու եւ Պօղոս կառավարիչի հաստատութեամբ իրեն համար բացառութիւնը լրացած էր: Ոflչ ապաքէն Յովհաննէս Հաննա եպիսկոպոսն ալ երուսաղէմացի էր: Այս տեսութեամբ մայիս 16-ի միաբանական ժողովը Կիրակոսը պատրիարք ուզեց եւ ընտրեց, եւ ընդունելութեան եւ հաստատութեան համար հանրագրութիւնը միաձայն հաւանութեամբ եւ Պօղոսի գլխաւորութեամբ ստորագրուեցաւ:

2611. ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆԸ

Միաբանական գրութիւնը Մատթէոս պատրիարքի կողմէ յունիս 27-ին ամիրայական ժողովի կը հանուի, որ նոյնիսկ միաբանութենէ աւելի աւանդապահ ձեւանալով, Կիրակոսի երուսաղէմացի ըլլալը իբր բացարձակ արգէլք կը նկատէ եւ անոր ընտրութեան հաստատութիւնը կը զլանայ: Սակայն տարբեր էր Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան ներքին նպատակը. իրեն դիտումն էր Երուսաղէմէ Ճեմարանի համար սպասուած նպաստը ապահովել, զոր Կիրակոս ալ կը զլանար Զաքարիայի հետեւելով, ինչպէս նաեւ հետամուտ էին Երուսաղէմի ելեւմտական մատակարարութեան միջամտել, ուստի կը մտածէին կամ Յովհաննէս Զմիւռնացին պատրիարք ընել, որ միաբանութեան հետ գժտած եւ իրենց կողմը շահուած էր, եւ կամ միաբանութենէն դուրս իրենց հաճոյակատար եպիսկոպոս մը Երուսաղէմի պատրիարքութեան բարձրացնել, իբր թէ շատ աւելի թեթեւ ըլլար Կարապետ կաթողիկոսի կանոններուն հակառակ 1949) ոչ միաբան մը, քան թէ երուսաղէմացի մը պատրիարք ընել: Բայց իրենց ներքին միտքը չյայտնելով գիր մը կ՚ուղղեն Պօղոսի իբրեւ նախագահի, Մատթէոս պատրիարքի եւ 18 ամիրաներու ստորագրութեամբ, որ Կիրակոս մի կամ երկու խոհական վարդապետներու հետ, աթոռին հաշուետոմարը եւ Զաքարիայի անձնական հաշուետետրերը Կ. Պոլիս բերէ, որ հաշիւները քննեն եւ ընտրութեան մասին խորհրդակցին, եւ միանգամայն կը յայտնեն, թէ զամենայն գիտութեամբ եւ բարձու հրամանաւ Պօղոսի ունին կատարել, եւ առանց անոր ակնարկութեան մի' ինչ արասցեն (ԱՍՏ. Բ. 533): Պօղոս եւ Կրակոս եւ միաբանութիւն հարկաւ տեղեկութիւն առած էին Կ. Պոլսոյ անցուդարձէն, որ Կիրակոս ամէնուն հաճութեամբ յանձն չառաւ երթալ, եւ ոչ ալ հաշուետոմարներ յղուեցան: Այն ատեն Կ. Պոլսոյ ժողովականք յայտնապէս գրեալ ջանան հաւանեցուցանել Պօղոսն ու միաբանութիւնը որ կամ զՅովհաննէս եպիսկոպոս եւ կամ յարտաքնոց զոմն յեպիսկոպոսաց ընդունեցին ի պատրիարքութիւն: Այդ առաջարկութեան վրայ վրդովեալ ամբոխի միաբանութիւնն ողջոյն, եւ յուլիս 20-ին ժողովի գումարուելով բացէբաց կը մերժեն թէ Յովհաննէսի եւ թէ ոչ-միաբանի մը պատրիարքութիւնը, եւ պատմութեամբ ու վկայութեամբ ճոխացած պատասխան մը կը գրեն (ՍԱՒ. 1259): Բայց պէտք էր կերպով մը միջին եղանակ մը գտնել եւ Կիրակոսի հաստատութիւնը դիւրացնել, եւ այս միտքով գործին գլուխը կը կանգնին Դաւիթ Կարնեցի, Գէորգ Պօթուշանցի, եւ Մեսրոպ Տիգրանակերտցի վարդապետներ, որ միաբանութեան աւելի գործունեայ անդամներն էին: Կիրակոսը կը համոզեն եւ գրաւոր յայտարարութիւն կ՚առնեն, յետս կալ յամենայն յարաբերութեանց զոր ունի ընդ ազգակիցս իւր բնակեալս յԵրուսաղէմ, եւ ոչ զոք ի նոցանէ ճանաչել ժառանգ ինքեան. եւ մանաւանդ տեսնելով որ Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանի բոլոր նպատակը դրամական է, միաբանութեան կողմէ ալ յանձնառութեան գիր կ՚առնեն Ճեմարանի համար վճարել ամ յամէ դահեկանս 120, 000, Կ. Պոլսոյ պահանջած 60, 000 գումարին կրկինը, բացի միւս պահանջից որ էր 3000 դահեկան տուրքն քանչէլէրիէ կոչեցեալ: Երկու թուղթերը առնելով Գէորգ Պօթուշանցի կ՚ուղեւորի Կ. Պոլիս, եւ այլեւս դժուարութիւն չի կրէր Մատթէոսն ու ամիրաները համոզել, մանաւանդ դրամական խոստումին փաստով, եւ Կիրակոսի ընտրութիւնն կը հաստատուի 1846 դեկտեմբեր 20-ին (ՎՐԹ. 120) ժողովին մէջ, եւ անմիջապէս կայսերական հրովարտակն ալ կը ստացուի, եւ Կոլոտ Յովհաննէս փոխանորդին կը յանձնուի Երուսաղէմ տանիլ, իսկ փոխանորդութիւնը կը փոխանցուի Պօթուշանցիին իբր աւելի կարող անձնաւորութեան (ՍԱՒ. 1260): Հրովարտակը 1847 փետրուար 13-ին Երուսաղէմ կը հասնի եւ կառավարութեան կը ներկայացուի (ՍԱՒ. 1261) եւ 14-ին, Մեծ Պահոց երկրորդ Ուրբաթին, եւ Տեառնընդառաջի տօնին, Կիրակոս հանդիսապէս կը բարձրանայ պատրիարքական աթոռը (ԱՍՏ. Բ. 534), եւ կ՚իրականանայ միաբանութեան ընդհանուր փափաքը: Յովհաննէս Հաննա 1927), եւ Կիրակոս Մնացակեան երուսաղէմացիներ` Երուսաղէմի երկու արդիւնաշատ գործիչներ են, իրաւամբ արժանաւոր իրենց համար կատարուած բացառութեան:

2612. ՆԵՐՍԷՍ Ի ՏՓՂԻՍ

Կոստանդնուպոլսոյ եւ Երուսաղէմի պատրիարքական աթոռներուն անցից պատմութիւնը բաւական յառաջուցուցած ըլլալով, կը դառնանք նորէն Մայրաթոռի կողմը, ուր թողուցինք Ներսէս Աշտարակեցի կաթողիկոսը, վեց ամիս միայն Էջմիածին մնալէն ետքը 2583) նորէն Տփղիս եկած 1846 դեկտեմբեր 17-ին (ՆՐՍ. 23): Ներսէս 76 տարեկան ծերունի մըն էր արդէն, բայց երիտասարդական ժրութեամբ գործերու կը հետեւէր, եւ Տփղիս կու գար իր նախկին գործունէութեան ասպարէզը, վերանորոգել վիճակն եւ ուսումնարանը, որուն համար այնչափ աշխատէր էր, եւ այժմ բոլորովին խաթարեալ կը գտնէր: Առաջին մտադրութիւնը դարձուց ուսումնարանին վրայ, որ բոլորովին իր հիմնարկութիւնն էր եղած, եւ իր անունը կրած, եւ որչափ ալ Կարբեցին աշխատած էր անունը փոխել, սակայն ամէնուն բերանը հին անունն էր մնացած, եւ այժմ նորէն յաղթական կերպով կը կրկնուէր: Գործի չձեռնարկած պէտք էր իրաց կացութիւնը ճշդել, եւ անկէ սկսաւ Ներսէս վերազննութեան ժողով մը կազմելով 1847 տարւոյ փետրուար 5-ին (ՆԵՐ. Ա. 436), եւ պաշտօն տալով տնտեսական վերջին տասն տարիներու հաշիւը առնելու Տփղիսի Կոնսիստորիայէն կամ վիճակային ժողովէն, որուն ենթարկուած էր ուսումնարանը (ՆԵՐ. Ա. 385) 1836-ի Պօլօժէնիէի պահանջած սեմինարիան կամ դպրանոցը ըլլալու համար 2582): Այդ նպատակով վերազննութեան ժողովը մարտ 3-ին պաշտօնապէս դիմեց Տփղիսի Կոնսիստորիային մանրամասնեալ տեղեկագիր պահանջելով ուսումնարանին պատկանող բոլոր իրողութեանց վրայ, զորս որոշակի 12 գլուխներու վերածեր եւ յիշեր էր (ՆԵՐ. Ա. 386): Կոնսիստորիան զգաց հրամանին խստութիւնը, եւ շաբաթէ մը, այսինքն մարտ 10-ին տեղեկագիր մը ներկայեց (ՆԵՐ. Ա. 387-395), որուն վերջը Կարապետ եպիսկոպոս իբր ատենապետ դիտողութիւն աւելցուցեր էր. թէ այս ուսումնարան ոչ միայն զուրը է պահանջուած պայմաններէն, այլ տակաւին չէ յայտ նորա իսկական վիճակ եւ կոչումն, ուստի ոչ միայն անտեղի, այլեւ անհնարին կը գտնէր խնդրել ի նոյն ուսումնարանէն զպտուղ հաւասար արդեանց կարգաւորեալ դպրոցաց (ՆԵՐ. Ա. 394): Տրուած տեղեկագիրը եւ յարակից ցուցակները անբաւարար գտնուելով` նորէն դիմում եղաւ Կոնսիստորային մարտ 27-ին, որ այլեւս չպատասխանեց (ՆԵՐ. Ա. 396), եւ վերազննութեան ժողովը ընդարձակ եւ մանրամասնեալ տեղեկագիրով (ՆԵՐ. Ա. 397-434) ներկայացուց կաթողիկոսին իր եզրակացութիւնները, որոնք սարսափ ձգեցին անհոգ գործավարների վրայ (ՆԵՐ. Ա. 436): Առաջնորդ, Կոնսիստորիա, վերատեսուչ, ուսուցիչներ, ամէնն ալ զանցառու կամ զեղծարար նկատուեցան եւ Ներսէս ամէնքն ալ հեռացուց, Կարապետ առաջնորդ արձակուեցաւ, թէպէտեւ պահ մը ընդդիմացաւ, եւ մինչեւ իսկ Պասքեւիչի դիմեց Ներսէսի դէմ, բայց պարտաւորուեցաւ տեղի տալ, եւ երբ ետքէն Սինոդի անդամ անուանուեցաւ չուզեց ընդունիլ եւ հրաւիրակ Տէր-Պետրոսեան Մակար վարդապետը ետ դարձուց (04. ԲԱԶ. 408 409), եւ Ախլցխա քաշուած մնաց: Կոնսիստորիայի բոլոր անդամները փոխուեցան Կարապետէն առաջ: Յակոբ Կարէնեանց վիճակային ատենադպիր եւ Յովսէփ քահանայ Օրբելի դպրոցական վերատեսուչ պաշտօնանկ եղան, եւ ուսուցիչներ դադրեցան, եւ այդ ամէնը լրացաւ 1847 ապրիլին: Նոր կարգադրութեան համար նախապէս պատրաստական միջոց մըն ալ պէտք էր, ուստի Ներսէս առիթ առնելով քաղաքին մէջ տիրող հնտախտը, աշակերտներն ալ ցրուելու հրաման ըրաւ եւ բոլորովին գոցեց դպրոցը, եւ այնպէս մնաց ամբողջ տարի մը: Ըլլալիք կարգադրութիւները իրեն վերապահելու համար նոր առաջնորդ ալ չնշանակեց, առաջնորդի տեղը ինքը բռնելով մնչեւ իւր կենաց վախճանը (ՆԵՐ. Ա, 436): Իր հրահանգին ներքեւ վիճակային գործերուն կը հսկէին Նիկողայոս եպիսկոպոս Տէր-Մարուգեանց եւ Կարապետ վարդապետ Շահնազարեանց (04. ԲԱԶ. 407), իսկ Կոնսիստորիայի նախագահութիւնը կը վարէր Սարգիս վարդապետ Ջալալեան:

2613. ՀՆՏԱԽՏԻ ՀԱՐՈՒԱԾԸ

Տփղիսի մէջ ճարակուող հնտախտին պատճառով, որ տարածուած էր համարեա ընդհանուր Ռուսաստանում, Տփղիսի եկեղեցականներն իսկ ցրուած էին վախերնէն, մանաւանդ Ստեփան Արարատեան եպիսկոպոսին 24 ժամուան մէջ մեռնելուն վրայ: Կարապետ եպիսկոպոս աճապարած էր Տփղիսը թողուլ, Սարգիս Ջալալեան վարդապետ հեռացած էր, իսկ Ներսէս տեղից չշարժուեց: Տփղիսեցիք խուռն բազմութեամբ խնդրեցին իրմէ Ս. Գեղարդը բերել տալ, եւ իսկոյն սուրհանդակ յուղարկեց, եւ Գեղարդը հասաւ Պօղոս եպիսկոպոսի եւ Համազասպեան Ստեփան վարդապետի ձեռքով: Ներսէս եկեղեցական թափօրի գլուխ մինչեւ քաղաքէն դուրս գնաց, եւ Գեղարդը ինքը վերուցած, եւ տեղտեղ կենալով եւ օրհնելով հազիւ չորս ժամէ Մայրեկեղեցի հասաւ եւ բոլոր ժամանակը Ս. Գեղարդը ձեռին բռնած ունէր: Բոլոր ճամբուն վրայ եւ Մայրեկեղեցիին առջեւ եւ մէջը թափուած էր բովանդակ Տփղիսը, Հայ եւ Ռուս, Վրացի եւ Մահմետական անխտիր, որոնք լալով եւ գոռումգոչումով ցաւին փարատում կը խնդրէին: Ներսէս մտածեց բերող եպիսկոպոսին եւ վարդապետին հանգիստ տալ, եւ ուրիշ եկեղեցականներ նշանակեց Գեղարդին պահպանութեան, բայց անոնց այդ մեզ անպատուութիւն է ըսելով խնդրեցին իրենք մնալ: Ներսէս զգաց թէ երկու գրօշի համար կամենում են մնալ, բայց երկուքն ալ տկարացած վիճակի մէջ ախտաւորներու հետ մնալով վարակուեցան, եւ նոյն օր վարդապետը եւ երկու օրէն եպիսկոպոսը մեռան: Ներսէս միշտ անվախ մնաց ընդհանուր կոտորածին մէջ, մինչեւ իսկ ուտելեաց խիստ զգուշաւորութեան ալ չէր հետեւեր, եւ վստահօրէն կը կրկնէր, Աստուած իւր պէտքական ծառային կը պահէ (01. ԲԱԶ. 349), բայց հարկաւ ինքզինքը պահպանելու չափ խոհականութիւնը ձեռքէ չէր թողուր:

2614. ՆԵՐՍԻՍԵԱՆԻ ՎԵՐԱԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ

Հնտախտը օրէցօր զգալապէս նուազած էր, քաղաքը բաւական հանդարտած էր, Վարժարանի նախապատրաստութիւններն ալ յառաջացած էին, ուստի Ներսէս 1848 մայիսին բանիմաց եւ պատուաւոր անձերը հրաւիրելով, ազգային ժողով գումարեց Տփղիսի մէջ, դաստիարակութեան պահանջները բացատրեց, Ներսիսեան վարժարանը ըստ առաջնոյն կազմակերպելու հարկը զգացուց, եւ այդ նպատակով հոգաբարձութիւն կամ խորհրդարան մը կազմելու համար երկու եկեղեցական եւ ութը աշխարհական հոգաբարձուներու ընտրութիւնը իրենց թողուց: Ժողովը ամենայն յօժարութեամբ համակերպեցաւ, աջակցութիւն խոստացաւ եւ անդամները ընտրեց, զորս Ներսէս յունիս 4-ի կոնդակով հաստատեց եւ հրահանգեց (ՆԵՐ. Ա. 437-438): Կոնդակին մէջ յիշուած անդամներն են, Կարապետ վարդապետ Շահնազարեան եւ Սահակ աւագ քահանայ Սահառունի, Իշխան Իւանէ Արղութեանց, Ստեփան Մադինեանց, Դաւիթ Արզանեանց, Մելքոն Լօմիձեանց, Գէորգ Հախվերտեանց, Աւթանտիլ Բաստամեանց, եւ Գէորգ Մանդինեանց (ՆԵՐ. Ա. 439), իսկ ատենագրութեանց մէջ յիշուած է նաեւ Գաբրիէլ Թամամշեանց (ՆԵՐ. Ա. 441): Յունիս ամսուան մէջ հոգաբարձութիւնը յաճախ նիստեր ընելով ուսուցչաց եւ աշակերտաց, ծախուց եւ կարգապահութեանց մասին որոշումներ տուաւ, հետզհետէ ընդարձակեց իր գործունէութիւնը, եւ Ներսէս կրցաւ ամսուն վերջը Էջմիածին դառնալ, ուր հասաւ յուլիս 1-ին եւ 9-ին դարձեալ քաջալերական կոնդակ մը ուղղեց նորընտիր հոգաբարձութեան (ՆԵՐ. Ա. 445): Սա իր աշխատութիւնները կրկնապատկելով յաջողեցաւ 1848 սեպտեմբեր 5-ին, Խաչի բարեկենդանի կիրակէին, բացման հանդէսը կատարել Շահնազարեանի նախագահութեամբ եւ ատենաբանութեամբ (ՆԵՐ. Ա. 449-452), երբ Ներսէս Էջմիածին կը գտնուէր: Բացման հանդէսին անմիջապէս ետքը դասաւանդութիւններն ալ սկսան 113 աշակերտաց ներկայութեամբ: Ուսումնարանի վերատեսուչ եւ տպարանի վերակացու նշանակուեցաւ Շահնազարեան Կարապետ վարդապետ, որ իւր ժամանակուայ հայ հոգեւորականաց մէջ համարուում էր զարգացած, գիտնական եւ գործունեայ մի անձն: Ներսէս ալ մեծ համարում ունէր վրան, եւ մինչեւ իսկ Վրաստանի առաջնորդութեան կը պատրաստէր (ՆԵՐ. Ա. 458): Արդիւնքը չարդարացուց Շահնազարեանի վրայ գրուած ակնկալութիւնը, զի պաշտօնավարութեան մասին հասած տեղեկութիւնները անոր թուլութեան կը վերագրէին Կարապետ եպիսկոպոսի որով տիրող անկարգութեանց շարունակութիւնը, ուսուցչաց եւ աշակերտաց կողմէ տեղի ունեցած անկանոնութիւնները եւ բոլոր բարոյական ազդեցուեան ծեծի մէջ կեդրոնացած ըլլալը: Նոյնիսկ տնտեսական տեսակէտէն ալ ծանր ամբաստանութիւններ յարուցուեցան անոր դէմ (ՆԵՐ. Ա. 457): Երբոր 1849 գարունին (ՆԵՐ. Ա. 467) Ներսէս Տփղիս դարձաւ, ամբաստանութինները լսեց եւ քննութիւն նշանակեց. վասնզի կը տեսնար որ նա ցուցեալ է զանհարազատութիւնս ի կառավարութեան տպարանին եւ ուսումնարանին: Ասոր վրայ Շահնազարեան զգածուեցաւ, հրաժարականը ներկայեց, սակայն պէտք էր որ քննութեանց արդիւնքն եւ կաթողիկոսի վճռին սպասէր: Այդ միջոցին ջղային հիւանդութեանց եւ մանաւանդ ջղային գլխացաւի ենթարկուեցաւ, եւ բժշկութեան համար Նարթլուզի զինուորական հիւանդանոցը պատսպարուեցաւ, բայց հոն չմնաց` այլ Հաղբատ երթալու անունով հեռացաւ, եւ ինքնագլուխ, առանց հրամանի եւ անցագիրի Կ. Պոլիս փախաւ (ՆԵՐ. Ա. 456-457): Այստեղ կ՚ընդհատենք Շահնազարեանի մասին ըսելիքնիս, վերապահելով յատկապէս անդրադառնալ անոր վրայ: Ներսէս, միշտ փափաքող Ներսիսեան վարժարանի զարգացման, յանձնարարեց հաստատուն կանոնագիր պատրաստել, բայց չորս տարբեր ծրագիրներ մէկէն ներկայացուեցան (ՆԵՐ. Ա 459-466), եւ առիթ տուին անդամներուն փոխադարձ պայքարելուն եւ հեռանալուն, եւ հոգաբարձութեան լուծուելուն, կամ Ներսէսի բառերով` ցրուելուն ըտրելոց ի միմեանց եւ յետս կացելոց ըստ յիւրաքանչիւր հաճոյից (ՆԵՐ. Ա. 467): Ասոր վրայ լուծեալ հոգաբարձութեան անդամներէն Արղութեանէ եւ Թամամշեանէ եւ Մանդինեանէ եւ դուրսէն Դաւիթ Խերոտինեանէ առժամեայ հոգարբարձութիւն մը կազմուեցաւ 1849 ամրան վերջերը, եւ անոնց խորհրդով տեսչութեան հրաւիրուեցաւ երիտասարդ Պետրոս Շանշեանց, որ հոկտեմբերին պաշտօնի ձեռնարկեց, այլ ուզելով իւրովի կառավարել, մօտ 40 կամ 50 օրէն գործը լքեց, ինչպէս կը գրէ Ներսէս 1850 փետրուար 24-ին (ՆԵՐ. Ա. 471): Նոյն 1850 տարւոյ յունուարէն տեսչութիւնը կը յանձնուի Գաբրիէլ քահանայ Պատկանեանի` հոգաբարձութեան առաջարկութեամբ եւ Ներսէսի զիջողութեամբ, որ աննպաստ գաղափար ունէր անոր բնաւորութեան վրայ: Իսկ կանոնադրութեան պէտքը միշտ զգալի էր, եւ այս անգամ Յակոբ Կարէնեանցին եւ Միքայէլ Պատկանեանցին կը յանձնարարուի նոր ծրագիր պատրաստել: Ներսէս 1850 յունիսին առաջին օրերում Էջմիածին դարձաւ (ՆԵՐ. Ա. 476), եւ հոն յուլիս 15-ին ստացաւ երկուքին կազմած եւ բոլոր ուսուցիչներէն ալ ստորագրուած ծրագիրը, որ նմանապէս չարժանացաւ հաւանութեան, բայց հաստատուն կանոնադրութիւն մըն ալ չկազմուեցաւ: Ներսէս միշտ անվստահ Պատկանեան քահանային վրայ, աւելի եւս զայրացաւ անոր եղբօր Միքայէլի եւ որդւոյն Ռափայելի միջեւ տեղի ունեցած կռիւին պատճառով (ՆԵՐ. Ա. 489), եւ հակառակ թախանձանաց չուզեց Գաբրիէլ քահանան հաստատուն վերատեսուչ անուանել: Ինքն մտադիր էր այդ պաշտօնին կոչել Սարգիս վարդապետ Ջալալեանը բայց միւս ողմէն նորանոր յանձնարարութիւններ էր տալիս նորան, իսկ շատեր կը միջամտէին Պետրոս Շանշեանցը դարձնել տեսչութեան: Այս պարագաներու մէջ անցան 1850 եւ 1851 տարիները, եւ Գաբրիէլ Պատկանեան առժամեայ պաշտօնավարութիւնը պահեց, մինչեւ որ վերջապէս Շանշեանց վերատեսչութեան կոչուեցաւ, ինչպէս կը տեսնուի Ներսէսի 1852 ապրիլ 26-ին Տփղիսի մէջ գրած կոնդակէն, ուր դարձած էր վարժարանի խնդիրը վերջնապէս կարգադրելու համար: Այդ միջոցին ուսումնարանի աշակերտներուն թիւը հասած էր մինչեւ 300, եւ որոնցմէ միայն 30 գիշերօթիկ եւ գլխաւորապէս եկեղեցական կոչման հետեւողներ (ՆԵՐ. Ա. 492):

2615. ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՏԵՍԱԿԷՏ

Ներսէսի կաթողիկոսական գործունէութիւնը 1852-էն հինգ տարի եւս շարունակեց մինչեւ 1857 փետրուար, անընդհատ տեղափոխութեամբ Էջմիածինէ Տփղիս եւ Տփղիսէ Էջմիածին, երկու տեղերուն վրայ ալ անձամբ հսկելու փափաքով. բայց առաւելագոյն ժամանակը Տփղիսի նուիրելով, որ իր նախնական ասպարէզն էր եղած, եւ բուռն ձգտում կը զգար իր հեռանալէն ետքը գործուած աւերներով լիովին դարմանելու: Մեզի ալ դժուար պիտի ըլլայ ժամանակագրական կարգով պատմել այդ միջոցին գործառնութիւնները, զի նորութիւններ չեն որ կը յաջորդեն, այլ միեւնոյն ձեռնարկներու նուիրուած ջանքերն են որ դժուարութիւնները կարճելու եւ դիւրութիւններ պատրաստելու կը նկրտին: Այդ պատճառով յարմարագոյն կը դատենք նիւթերու դասաւորութեամբ յառաջ բերել Ներսէսի անխոնջ գործունէութեան պարագաները: Ներսիսեան վարժարանին անցուդարձերուն վրայ բաւական խօսած ըլլալով` քիչ մըն ալ Մայր աթոռին եւ Մայրավանքին կարգադրութեանց վրայ խօսելու կ՚անցնինք: Ներսէսի նկարագիրը իր նախընթացին մէջ տեսանք. ազգային կազմակերպութեան նուիրուած անձ մը, ոչ միայն ներքին այլեւ արտաքին ձեռնարկներու հետեւողութեամբ, եւ մինչեւ իսկ զինուորական գործերու մասնակցելով, եւ անոնց մէջ ալ իսկական եւ նախաձեռնարկ դեր ստանձնելով: Ինչ որ այդ ջանքերէն կը սպասուէր իրականութիւն մը առած էր, եթէ չկարենանք իսկ յայտարարել թէ ըստ ամենայնի իր դիմումներուն համապատասխան եղած էր, սակայն այդ ճիւղին մէջ այլեւս գործելու ասպարէզը փակուած էր, եւ ինքն ալ եղելութեանց համակերպած էր, հոգ չէ որ ինքն անձնականապէս զրկողութեանց ենթարկուած ըլլար: Հետեւապէս իր այս երկրորդ շրջանին մէջ բոլորովին ներքին բարեկարգութեան սկսած էր հետեւիլ, անդստին Բեսարաբիոյ առաջնորդութեան ժամանակէն, եւ նոյն ուղղութեամբ կաթողիկոսական գահը բարձրացաւ, եւ Մայրաթոռին մէջ ալ նոյն ուղղութեամբ գործել սկսաւ: Երկու գլխաւոր կէտեր աւելի գրաւեցին իր ուշադրութիւնը, տնտեսագիտական կերպերու բացարձակ կերպերու բացարձակ զանցառութիւնը, եւ զեղծումներու բացուած սանձարձակ համարձակութիւնը: Ուստի ժողովրդական նուէրներու եւ նպաստներու զօրութեամբ բազմաթիւ եւ բազմածախս ձեռնարկներ յաջողցուցած մէկ մը եղած ըլլալով մէկտեղ, կը զգար թէ չէ կարելի որ յոյսներս միշտ դնենք ժողովրդի նուէրքի վրայ, ուստի յայտնապէս կը քարոզէր Էջմիածնի միաբանութեան, սովորեցէք տնտեսութիւն, վանքի կալուածներն լաւ դրութեան հասցրէք, աանկորուստ ստացէք արդիւնքն, ոչ թէ անգործ նստելով աչք տնկեցինք ժողովրդի ձեռքին (04. ԲԱԶ. 415):

2616. ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆՔ

Տնտեսագիտական ճարտարութեան նպատակը պարզապէս խնայողութեամբ գործածելը չէ, այլեւ պատշաճաւոր եւ վայելուչ եւ օգտակար կիրառութիւնն է, որ եղած ծախքը լաւ արդիւնք ունենայ եւ նպատակին ծառայէ: Այս միտքով առջի օրէն հոգ տարաւ միաբանութեան սնունդին, եւ մեծ ջանք գործդրեց որ հացը լաւ եւ մաքուր պատրաստուի, կերակուրներուն ալ խնամով պատրաստուած ըլլալը ստուգելու համար մերթ ընդ մերթ բարապանները սեղանատուն կը ղրկէր, որ աշակերտների առջեւից վերցնեն կերակուրն եւ իրեն բերեն. արդէն ամէն սեղանին ալ մի մի բաժին կաթողիկոսին կը բերուէր որ համը տեսնէր: Մառանի եւ շտեմարանի մէջ տոմար եւ չափեւկշիռ սահմանեց որ մտածը նշանակուէր, եւ ելածը համեմատական չափով տրուէր, եւ ոչ թէ ի հաճոյս եւ ըստ կամաց բաշխուէր: Միսին համար Նոր Պայազիտի կողմերէն էժան գնով եւ արժանահաւատ մարդկանց ձեռքով տաւար եւ ոչխար գնել տալ սկսաւ, փոխանակ սուղ գնով մսավաճառէն գնելու: Հաւնոց հաստատեց թարմ հաւկիթ եւ ուտելու հաւ ունենալու համար, փոխանակ գիւղացիներէն ձու եւ հաւ մուրալու: Փուռի եւ խոհանոցի համար վառելիք փայտն ու ցախը ու աթարն ալ ներքին աւելորդներէն հոգալու եղանակները հաստատեց, փոխանակ ամէն բան դրամով դուրսէն ստանալու (04. ԲԱԶ. 410): Նորաշէն մեծ լիճին մէջ ձուկեր աճեցուց վանական պէտքին բաւելու չափ, շաքարի գործարան ալ բացաւ եւ շերամ հասցնելու պատրաստութիւններն ալ կատարեց, եւ երկուքին ալ արդիւնքը տեսաւ: Տնտեսական ձեռնարկներուն գլխաւորն եղաւ նոր եւ ընդարձակ եւ կանոնաւոր գոմանոցի շինութիւնը Ս. Գայանէի վանքին մօտերը, քանդել տալով ուսումնարանի յարակից գտնուող նախկին խեղճ գոմանոցը: Նորին մէջ առանձինն բաժիններ կազմուեցան եզներու եւ գոմէշներու, կովերու եւ հորթերու, ձիերու եւ ուղտերու, ոչխարներու եւ խոզերու համար, եւ անոնց մօտ գարիի շտեմարաններ, խոտի եւ յարդի մառաններ, եւ կառքերու սայլատուներ: Կենդանիները մաս մը դիւրագնոյ ստացուեցան, եւ մաս մըն ալ զանազան գաւառներէ նուէր եկաւ, ինչպէս 50 ուղտ Ղըզլարէն, իսկ մեծաւ մասամբ նեքին աճումով շատցան, եւ անոնցմով կը հոգացուէին մշակութեանց, բեռնակրութեանց, հաղորդակցութեանց եւ ուրիշ ծառայութեանց պահանջները, եւ աւելորդովը կը հոգացուէին շատ մը ներքին պէտքեր (04. ԲԱԶ. 410), ինչպէս յիշեցինք: Մինչեւ իսկ գաղափար ունէր զանազան վիճակներու եւ եկամուտներու հասոյթները հաւաքելով դրամատուն մը կազմել, ողորմելի ժողովրդին թեթեւ տոկոսով փոխառութիւն տալու, բայց նպատակին չհասաւ, զի վիճակներ չհամակերպեցան իր գաղափարին հետեւիլ, նոյնիսկ սինոդն ալ չթափանցեց գաղափարին օգտակարութեան (04. ԲԱԶ416), եւ պարտաւորուեցաւ ետ քաշուիլ: Ներսէսի ձեռամբ կատարուած ձեռնարկներէն միայն գոմանոցն է որ մինչեւ հիմա կը մնալ Պլան անունով, (04. ԲԱԶ. 415), իսկ շաքարի եւ շերամի գործարաններ եւ շատ մը կարգադրութիւններ իր կեանքին հետ վերջացան, քանի որ պակսեցաւ հսկողութեան արթուն աչքը եւ անխոնջ ձեռքը:

2617. ԶԵՂԾՈՒՄՆԵՐՈՒ ԴԷՄ

Բաւական չէր միջոցներ պատրաստել, պէտք էր զեղծումներէ ալ ազատել, եւ Ներսէս այդ մասին խիստ եւ անաչառ եղաւ, բռնակալ եւ խստասիրտ մեղադրուելու չափ (04. ԲԱԶ. 416): Նա թէպէտ մեծամեծ ձեռնարկներով զբաղած եւ մեծագումար դրամներ գործածած, ինքզինքը մաքուր եւ զերծ կը զգար ամէն զեղծումէ, եւ այս էր որ զինքն կը քաջալերէր աներկիւղ կերպով զեղծարարներու դէմ վարուելու: Նոյնիսկ իր սիրելւոյն եւ գաղթականութեանց ձեռնարկին մէջ գործակցին` Կարնեցի Կարապետ եպիսկոպոսին դէմ չվարանեցաւ հատու խստութիւն գործածել, երբոր քննութեամբ հաստատուեցաւ անոր վրայ շահադիտական մեղադրանքը (04. ԲԱԶ. 406), եւ երբոր նա պատուովը չուզեց հեռանալ Տփղիսէ, պաշտոնէ ալ դադրեցուց եւ նոյնիսկ Պօլօժէնիէով հաստատուած Կարնեցի գաղթականներու առաջնորդ մնալու իրաւունքէն ալ (ՊՕԼ. 11) զրկեց, ըսելով թէ նա ինքնայօժար կամքով իրան զրկել է, երբ Թիֆլիզի առաջնորդութիւնն է յանձնառու եղել (04. ԲԱԶ. 408): Վարդան Օձնեցին, Եփրեմ Երզնկացի եւ Յովհաննէս Արշարունի վարդապետներն ալ անոր խստութեան հանդիպեցան, երբ իրենց փոխանորդական կամ յաջորդական պաշտօններուն մէջ անհաւատարիմ գտնուեցան, եւ չվարանեցաւ քահանաներու յանձնել փոխանորդութիւնները (04. ԲԱԶ. 408): Եկեղեցական հասոյթներու հաւաքիչներ եւ գանձապետներ նշանակեց աշխարհականներէն, երբոր եկեղեցականներու զեղծումները հաստատուեցան (04. ԲԱԶ. 416): Այդ մասին մէջ Ներսէս Հայ Եկեղեցւոյ հոգիէն չէր օտարանար, որ եկեղեցեաց մատակարարութեան մէջ ընդարձակ տեղ կու տայ աշխարհականներուն, հակառակ Պօլօժէնիէի սեղմումներուն 2528), եւ կրնանք աւելցնել թէ Ներսէս կ՚ազդուէր Տաճկահայոց մէջ տիրող դրութենէն: Ներսէս իր հետազոտութիւնները ընդարձակելով առ հասարակ ամէն վարդապետներու անցեալը քննութեան ենթարկեց, եւ զանպիտանսն եւ զանկարգսն առաքեաց ի Սեւան կղզի (ՊԷՐ. 286): Միեւնոյն ժամանակ հաւատարիմ պաշտօնավարողներն ալ հոգածութեան առարկայ ըրաւ, ինչպէս Նիկողայոս Տէր Մարուգեանց (04. ԲԱԶ. 407) եւ Յովհաննէս Շահխաթունեանց (ՍԵԴ. 169) եպիսկոպոսները: Նոյն կարգին էր եւ Կարապետ Շահնազարեան վարդապետը, մինչեւ որ անոր ալ զեղծումները խօսուեցան, եւ քննութենէ խուսափելով փախուստ տւաւ, որով քննութեան արդիւնքը չճշդուեցաւ, թէպէտեւ ոմանք ըսին թէ Կարնեցի Կարապետ եպիսկոպոսէ կաշառուած եւ այլ ընդ այլոյ տեսած ըլլայ անոր հաշիւները, երբոր կը նախագահէր քննիչ յանձնաժողովին, որուն անդամակցած են նաեւ Կ. Պոլսոյ Գէորգ Քէրէստէճեան եւ Երուսաղէմի Դաւիթ Գէորգեան վարդապետները (ՊԷՐ. 288): Արդէն առաջին անգամ Էջմիածին մտած օրէն Ներսէս սկսած էր զեղծումներու եւ անկարգութիւններու դէմ պայքարը, ինչպէս իր կարգին պատմեցինք 2583):

2618. ԱՆՏԱՌՆ ՈՒ ԼԻՃԸ

Ներսէսի անունը անմահացնող շինարար ձեռնարկներուն գլխաւորը եղած է Տփղիսի Ներսիսեան ուսումնարանը, որուն մասին բաւական խօսած ենք 2377, 2582, 2614). յիշեցինք եւս գոմանոցը որ իր տեսակին մէջ կատարեալ հաստատութիւն մը կրնայ սեպուիլ 2616): Էջմիածնի մէջ աւելի աչքառու արդիւնքը մըն է նորաշէն մեծ լիճի եւ անոր յարակից նոր անտառը: Լիճի եւ անտառի գաղափարը հին էր Ներսէսի միտքին մէջ, անտառով օդին վատութիւնը դարմանելու եւ լիճով անտառը հասցնելու: Երբ տակաւին Էջմիածնի մէջ էր եւ իբր գլխաւոր կառավարիչ կը գործէր, Ս. Գայիանէի վանքին մօտ չափաւոր անտառ մը տնկել տուեր էր, եւ անոր յուրակից փոքր լիճ մը աւելցուցեր, բայց իր Տփղիսէ հեռանալէն ետքը տնկած անտառը անխնայ կտրատում են, եւ Գէորգ եպիսկոպոս Աշտարակեցին, Կարբեցիին սիրելին եւ Վեհապետեան մականուանուածը, լիճը կը քակէ եւ սրբատաշ քարերով իր եղբոր Եփրեմին տունը կը շինէ: Ներսէս կաթողիկոսութեան բարձրացած` նորէն անտառին եւ լիճին շինութեան կը ձեռնարկէ, եւ գործին վերին հսկողութիւնը կը յանձնէ Շահխաթունեան եպիսկոպոսին, աստիճանաւոր Գրիգոր Մալինեացի եւ բժիշկ Կարապետ Վասնակեան օժանդակութեամբ. լիճին ճարտարապետութիւնն ալ հազարապետ Մարտիրոս Վէքիլեանցին կը յանձնարարէ: Նոր լիճին շինութիւնը յաջող չեղաւ, զի ջուրը սկսաւ լճի կողերից դուրս գալ, հարկ եղաւ շինածը քակել եւ աւելի մեծ մը շինել Աղէքսանդր Նաումէնկո ճարտարապետին ձեռքով, որ յաջողութեամբ աւարտեց, եւ մինչեւ այսօր ալ նոյնութեամբ կը մնայ: Անտառը տնկուեցաւ 1847-է 1850 չորս տարիներու մէջ, եւ կը պարունակէր 200, 000 ծառեր, եւ մինչեւ 500, 000 հասցնելու մտադրութիւն կար (ՍԵԴ. 171): Ուրիշ տեղ 47, 230 ըսուած են ծառեր, բայց այսչափ առաջին տարին տնկուած է (ՆՐՍ. 24): Անտառին ծառերը խառն էին պտղատուներով եւ անպտուղներով իբր կէս առ կէս, զի պտղատուներ 60, 000 թթենի եւ 40, 000 ծիրանի եղած են (ՊԷՐ. 286). Ներսիսեան անտառը յաջորդ կաթողիկոսներուն օրով ալ մասնաւոր յաւելումներ ունեցած է, եւ առնուազն քառակուսի մղոն մը տարածութիւն ունի այժմ, եւ կը ծառայէ թէ օդը բարւոքելու, թէ հաճոյալի ճեմավայր մը ըլլալու, եւ թէ վանքին վառելափայտը մատակարարելու: Իսկ լիճը լայն պատերով եւ ամուր յատակով շինուած, 100 կանգուն երկայնութիւն եւ 50 կանգուն լայնութիւն ունի, որ է ըսել 50, 000 քառակուսի կանգուն տարածութիւն, եւ իբր 10 կանգուն խորութիւն, շուրջանակի քարայատակ ճեմելիքով եւ կրկին շարք ծառատունկով, որ թէ զուարճալի պտոյտի, թէ անտառը ոռոգելու եւ թէ ձուկ հայթայթելու առաւելութիւններ կը ներկայէ (ՊԷՐ. 286): Անգամ մը հակառակութեան համար ձուկերը թունաւորեցին, բայց Ներսէս անվհատ, վնասուածները առողջներով փոխանակեց եւ նորէն ձուկերը շատցուց: Անտառի թթենիները քանի մը տարի ետքը շերամի գործարան բանալու առիթ ընծայեցին: Ծիրանենիներ շատ երկարակեաց չեն, ուստի հետզհետէ նորատունկերով կը փոխանակուին, եւ հիները դիմացկուն եւ բոսորափայլ կրակ մը կը պատրաստեն ձմեռային ցուրտերուն դէմ:

2619. ՈՒՍՈՒՄՆԱՐԱՆԻ ՊԷՏՔԸ

Ներսէսի ձեռնարկներուն եւ արդիւնքներուն կարգին չենք հանդիպիր Մայրաթոռի մէջ արժանաւոր դպրոցական կամ ուսումնական հաստատութիւն մը հիմնելու ձեռնարկին, եւ ասիկա ոմանց աչքին մի խոշոր պակասութիւն է երեւցած, է Էջմիածնի միաբանութեան պատշաճաւոր կրթութիւն տալու անձեռնհասութիւն է նկատուած (ՍԵԴ. 153): Կրթութիւն եւ ուսում եւ զարգացում տալու համար, թէ Ներսէս որչափ մասնագիտական եւ ուսուցչական ձեռնհասութիւն ունէր, խնդիրի նիւթ չենք ուզեր ընել, վասնզի գիտենք թէ բարձրագոյն եւ խնամեալ ընթացք չէր անցուցած: Բայց իր գործունէութեան առաջին օրէն սկսելով, ուսում տարածելու եւ վարժարաններ հաստատելու համար ըրած ջանքերը եւ ձեռք ձգած արդիւնքները գիտնալնէս ետքը, Ներսէսը իբր զանցառու կամ իբր անձեռնհաս նկատել ստուգիւ մեծ անիրաւութիւն պիտի ըլլար անոր յիշատակին: Հետեւաբար տարբեր պատճառ մը պիտի փնտռենք, իր զանազան ձեռնարկներուն կարգին այդ կէտին ձեռք զարկած չլինելուն: Իբրեւ արդարացում յառաջ կը բերուի թէ Մայրաթոռի եւ ազգի եւ վիճակների կառավարութեան եւ կարգաւորութեան բազմակնճիռն եւ բազմազբաղ գործերով գրաւուած էր, թէ միայնակ իւր ձեռքում ամփոփած էր բոլոր հոգերը, եւ թէ ամէն մանր գործին ալ գոմանոցի եւ շտեմարանի եւ փռատան եւ հիւրատան եւ սեղանատան եւ մառանատան վերաբերեալ կարգադրութիւնները իւր անմիջական տեսչութեան ներքեւ առած էր, որով զարմանք չէր թէ անկարող գտնուեց հոգալ ամէն ինչ որ իրանից սպասելի էր: Բայց այդ արդարացումները անուղղակի մեղադրանք մը կը պարունակեն, իբր թէ գործը գիտցող մը չըլլար եւ իր ոյժն ու կարողութիւնը յանխորհուրդս գործածող մը ըլլար, ինչ որ չենք համարձակիր Ներսէսի համար ըսել, զոր տեսանք ամէն դիպուածի հանդէպ պարագաները կշռող եւ պատշաճը գործադրող: Մենք կը կարծենք թէ Ներսէս երկու լաւագոյն տեսութիւններով յետաձգած ըլլայ Էջմիածնի մէջ ուսումնական մեծ հաստատութիւն մը հիմնելու գաղափարը: Առաջին տեսութիւնն է թէ այսպիսի հիմնարկութեան մը համար գետին պատրաստուած պէտք էր ըլլար, որպէսզի պտղաբեր դառնայ: Էջմիածնի մէջ, ոչ միայն նիւթական գետինը կը պակսէր, այլեւ բարոյական, զի քիչուշատ կարգկանոն չհաստատուած, հնար չէր բարեկարգ վարժարան մը հիմնել, եւ տիրող ժխորին մէջ պահանջուած ուղղութեամբ մարդեր հասցնել, վարժարանական շինուած իսկ չկար, եւ ինչպէս Ներսիսեանին նախ շէնքը պատրաստեց 2377), Էջմիածնի մէջ ալ նախ վարժարանական շէնք մը կառուցանելու միտքն ունեցած է, եւ գործադրութեան հրահանգներն ալ տուած է, գումարը պատրաստելու հետամուտ եղած է, թէպէտ գործադրութիւնը եղած չէ: Միւս տեսութիւնն է որ Էջմիածնայ համար վարժարանը եւ Էջմիածնայ համար մարդ հասցնելու նպատակը, անհրաժեշտ չէր որ Էջմիածնի պարիսպներուն մէջ գործադրուէր: Ներսիսեան վարժարանը որուն վրայ կեդրոնացուցած էր իր բոլոր ուշնուրուշը, եկեղեցականութեան ծառայելու բաժինն ալ ունէր եւ օգտակարագոյն կերպով ուզուած նպատակին ծառայած կ՚ըլլար ոյժերու եւ միջոցներու միացմամբ, քան թէ երկուքի բաժնելով երկուքն ալ տկար եւ վտիտ ձգելով, եւ հաւանաբար անպտղութեան առաջնորդելով: Ուստի Ներսէս ամենայն իրաւամբ կրցաւ Էջմիածնի մէջ նոր ուսումնական հաստատութիւն մը հիմնելու գաղափարը երկրորդական կարգի թողուլ, եւ առ այժմ իր ունեցած միջոցներով եւ ոյժերով եւ անձերով միակ հաստատութեան մը վրայ աշխատիլ, ուսկից բոլոր ժողովուրդ եւ բոլոր վիճակներ եւ Մայրաթոռն ալ հաւասարապէս պիտի օգտուէին: Որչափ ալ Ներսէս նոր ձեռնարկներու համար խիզախ եւ վստահ, եւ միջոցներ գտնալու համար ճարտար եւ հնարամիտ ըլար, վերջապէս խոհականութիւնը կը պահանջէր հաւանականութիւնը եւ հնարաւորութիւնը լաւ կշռել եւ այնպէս գործել: Չմոռնանք յիշել որ Էջմիածին առանց վարժարանի չէր, այլ իր ժառանգաւորաց վարժարանն ունէր, որուն համար թէպէտ ըսող կայ թէ առկայծեալ փայլը կորսնցուց (ՄՈՎ. 260), բայց մենք գիտենք որ նախապէս աւելի փայլ մը չունէր, եւ կը տեսնենք ալ որ Շահխաթունեանի տեսչութեան ներքեւ գոհացուցիչ վիճակ մը ունէր, եւ Ներսէս ալ շարունակ պէտք եղած հրահանգները կը հասցնէր, զոր օրինակ երբ կը հրամայէր դադրեցնել ըստ հնոյն գռեհկական կառավարութեանց ձեւերը, ինչպէս են Փալախայ եւ ծեծ փայտի, որոնք առիթ կու տան հրաւիրել ի ծիծաղ յայսպիսում խոհեմութեամբ եւ հանճարով առաւելեալ ժամանակի: Շահխաթունեանը նորէն յիշելու առիթ պիտի չունենանք, ուստի այստեղ կ՚աւելցնենք, թէ կանուխ խանգարեցաւ անոր առողջութիւնը, եւ պարտաւորուեցաւ 1843-ին Տփղիս երթալ դարման գտնելու համար. Աբասթումանի հանքային ջուրներն ալ գնաց որ բազմամեայ փայծեղային տկարութիւնից ազատուի, ծննդավայրի բնակութիւնն ալ օգուտ չըրաւ, ուր տասն ամսով անկողնի մէջ մնում էր, քանի մը տարի եւս անձնամաշ հիւծմամբ կեանքը քաշքշեց, այլ վերջապէս 1849-ին` վախջանեցաւ յիսուն տարեկան հասակում, երբ դեռ շատ օգտակար լինել կարող էր (ՍԵԴ. 211):

2620. ՎԱՆԱԿԱՆԱՑ ԹՈՂՕՆԸ

Պօլօժէնիէի տրամադրութիւնները բացատրած ատեննիս ըսինք, թէ Կարբեցին նախապատրաստութեանց ժամանակին լռութիւն պահելով, հրատարակութենէն ետքը երեք կէտերու վրայ դիտողութիւն եւ խնդրանք ներկայած էր, որոնք են վանականաց թողօնը, առաջնորդաց ընտրութիւնը եւ Սինոդի պաշտօնէից ռոճիկները, եւ թէ վերջինին գոհացում ստացած էր ռոճիկներուն պետական սնտուկէն վճարուելովը, եւ միջինին կիսովի գոհացում տրուած էր երկու ընտրելի առաջարկելու ձեւով, եւ միայն առաջին կէտը մերժումի հանդիպած էր 2530): Էջմիածնի լուրերը միայն բերանացի զրոյցներէ քաղող պատմագիր մը կը գրէ, թէ Ներսէս ի նստիլ իւր յաթոռ Հայրապետութեան Հայոց` մերժեաց եւ հերքեաց զամենայն, այսինքն ամբողջ Պօլօժէնիէն, իբրեւ վնասակար եւ անընդունելի Հայաստանեայց եկեղեցւոյ, եւ հրատարակեաց ի լուր կայսերութեան Ռուսաց: Սակայն իրողութիւնը բոլորովին տարբեր է: Ներսէս որ Պօլօժէնիէի օրէնքով ընտրուած եւ Պետերբուրգ ալ գտնուելով համակերպած էր, ոչ կրնար ընել եւ ոչ ըրաւ այսպիսի բացարձակ մերժում մը, այլ պարզապէս հետեւելով Կարբեցիին ըրած առաջարկութեան, միայն ի կախ թողուած կամ մերժուած առաջին կէտին, այսինքն վանականաց թողօնին խնդիրը ձեռք առնելով 1848 յունիս 11-ին կը դիմէր փոխարքայ Վօրօնցովի, որպէսզի բարեխօսէ թագաւոր կայսեր մօտ, որ բարեհաճի հրամայել Պօլօժէնիէի չորս յօդուածների ջնջումը, որոնք են կուսակրօններու թողօններուն անոնց բնական ժառանգներուն անցնիլը տրամադրող 32, 71, 89 եւ 91 յօդուածները, եւ անոնց տեղ հաստատէ օրէնք մը համաձայն Կարբեցիին եւ իր եւ այլոց կարծեաց եւ առաջարկութեանց, որ կուսակրօններու ռեւէ շարժական կամ անշարժ ստացուածք, զոր ժառանգութեամբ ստանան կամ յետ մահուան թողուն, իրենց կեցած վանքին սեփականութիւն լինին, եւ այս սկզբունքով լուծուին ամէն դատեր որ 1836 մարտ 11-է ետք ծագում առած են (ՅՆՁ. 49): Այդ կէտն էր զոր Ներսէս ալ ուժգնապէս կը պաշտպանէր, զի եկեղեցականութեան անունով եւ վանականութեան գիրքով կազմուած ստացութիւններուն այդ շրջանակէն դուրս ազգականութեան իրաւունքով ժառանգուիլը, թէ հոգեւոր հաստատութեանց կործանման եւ թէ ներքին զեղծումներու համարձակ դուռ բանալ պիտի ըլլար, ինչպէս Ներսէս ընդարձակօրէն կը լուսաբանէ Վօրօնցովի ուղղած պաշտօնագիրին մէջ: Գործով ալ միեւնոյն սկզբունքը պաշտպանեց Ներսէս, երբ առիթը ներկայացաւ Աստրախանի առաջնորդ Արարատեան Սերովբէի վրայ, որուն մասին վիճակայինները բողոք մատուցին թէ 20. 000 րուբլի գումար մը առաջնորդարանի արդիւնքէն շորթելով, իբր իր անձնական ստացութիւն, դրամատուն յանձնած է: Երբոր Ջալալեան քննութեան համար Աստրախան հասաւ, Սերովբէ վախճանած էր, եւ գործը ժառանգական ձեւ առած էր, եւ Սերովբէի ազգականները հետամուտ էին գումարը ձեռք անցնել, եւ մինչեւ իսկ դատ բացին տեղական դատարաններու առջեւ, եւ նախարարութիւնն ալ Պօլօժէնիէի յօդուածներուն հետեւողութեամբ յանձնարարութիւններ կ՚ընէր. բայց Ներսէս մինչեւ վերջը ընդդիմացաւ եւ պնդեց, թէ Սերովբէ նշանաւոր գումար է յափշտակել եկեղեցական դրամներից, եւ անոր ժառանգորդներուն բան մը չյանձնեց, եւ գործը յաջորդ կաթողիկոսին մնաց:

2621. ՄԵՂԱԴՐԱՆԱՑ ՊԱՏԱՍԽԱՆ

Ներսէսին 1848-ին ըրած դիմումը անպատասխանի մնաց, ուստի ստիպեալ իր առաջարկը կրկնեց շարունակաբար 1849-ին եւ 1850-ին (ՅՆՁ. 50), եւ վերջապէս պատասխան ստացաւ թէ Պօլօժէնիէի քանի մը յօդուածոց փոփոխութիւնը անյարմար է առաջարկել կայսեր, եւ յարմարագոյն է այդ խնդիրը պահել երբ ամբողջովին վերաքննութիւնը ձեռք առնուի (ՅՆՁ. 55): Միանգամայն ինչ ինչ դիտողութիւններ եղան Ներսէսի թէ Սինոդի անդամները չի լրացներ, թէ վիճակներու առաջնորդներ չի նշանակեր, եւ թէ Էջմիածնի մէջ կաթողիկոսական բարձր ուսումնարան չի հաստատեր, ուստ Ներսէս 1856 յուլիս 24-ին ընդարձակ տեղեկագիր մը ուղղեց Կովկասի փոխարքային (ՅՆՁ. 50-55), որուն մէջ մանրամասնօրէն պատասխանեց, եւ իւրաքանչիւր կէտը լիովին լուսաբանեց իր ընթացքը արդարացնելու համար: Ներսէսի գրութիւններէն կը քաղենք թէ Կարբեցիին 2530), եւ Հնդկահայոց 2557) դիտողութեանց քննութիւնը պատշաճ սեպուած էր յետաձգել մինչ ցընտրութիւն նոր կաթողիկոսի, եւ տարեկան համարատուութեանց մէջ այս կէտը կը նշանակուի իբրեւ չգործադրուած բարձրագոյն հրամաններէն մին (ՅՆՁ. 48). ուստի ինքն ալ Պօլօժէնիէի բոլոր յօդուածոց քննութեամբ զբաղիլ կը խոստանայ առաջին իսկ առթիւ (ՅՆՁ. 49): Ըստ այսմ 1856-ի պաշտօնագիրով նախպէս կը պատասխանէ իրեն ուղղած մեղադրանքներուն: Սինոդականներու եւ առաջնորդներու չնշանակուելուն, կամ աւելի ճիշդ ընտրելիներ չառաջարկուելուն բացարձակ պատճառ կը ցուցնէ, թէ չիք առ մեզ այնպիսի բարեյոյս եւ յարմարաւոր վանական անձինք, որք կարող լիցին ցանկալի օգտիւ եւ արժանաւորութեամբ ստանձնել զնախանշանակեալ տեղիս, եւ վերջերս յունիս 5-ին առաջարկած անձերուն համար ալ կ՚ըսէ, ոչ թէ ամենեքին նոքա արժանի էին յանձնարարեալն նոցա կոչման: Համարձակ կը յայտարարէ թէ ինքն չի կարծեր որ պահպանութիւն ձեւոց վսեմագոյն եւս է քան զիսկական կատարումն գործոց (ՅՆՁ. 50), եւ բացէբաց կը հերքէ իբր թէ ինքն ոչ ցանկայ զի կատարեալ իցէ թիւ անդամոց Սինոդի եւ թեմակալ արհեաց: Արժանաւորներ չպատրաստուելուն պատասխանատուութիւնն ալ կը մերժէ, զի 1827 էն մինչեւ 1843 ինքն Էջմիածնի վարիչ չէր, եւ թէպէտ 1843-ին ընտրուած, բայց 1846-ին Տփղիս հասած է, եւ զաթոռն Էջմիածնի, զՍինոդն զվարժարանն, զկոնսիստորեայս, զհոգեւոր կառավարութիւն, զեկեղեցի, զվանօրայս, եւ զամենայն զհոգեւորականս, այնպիսի վիճակի մէջ գտած է, որ ամենուրեք աղաւաղում, անկարգութիւնք, զանցառութիւնք զրկանք եւ աղքատութիւնք կը տիրէին (ՅՆՁ. 51): Այսուհանդերձ պատշաճաւոր կրթարանը հաստատելու եւ արժանաւորներ հասցնելու համար վիճակներէ նպաստներ եւ միջոցներ խնդրած է, բայց առաջնորդներէն բան մը չէ ստացած, եւ ոչ զմի կոպէկ: Սերովբէ Աստրախանի առաջնորդը, 17 տարի պաշտոն վարած, 120, 000 ռուբլի իւրացուցած է, ուսկից միայն 30, 000 երեւան եկած է: Կարապետ 10 տարի Տփղիսի առաջնորդ եղած 250, 000 ռուբլիի պատրաստական մնաց եւ զեկեղեցական անշարժ գոյս աւանդեց իւրոց ազգականաց: Բաղդասար 35 տարի Արցախի մետրոպոլիտ եղած ոչինչ հասոյց յԷջմիածին: Մատթէոս 6 տարի Շամախու եւ 9 տարի Բեսարաբիոյ առաջնորդ եղած 35, 000 ռուլլի պարտական գտնուած է, եւ այսու հանդերձ Պետրբուրգի մէջ կը պաշտպանուի (ՅՆՁ. 52): Եւ կ՚եզրակացնէ թէ քանի որ այս անտեղութիւնք չեն քննուիր, եւ վիճակներու հասոյթները փոխանակ Էջմիածին հասնելու անձնական կը դառնան, ինքն անպարտ է իրեն վերագրուած մեղադրանքներէն: Կը ծանրանայ յատկապէս թողօններուն խնդիրին վրայ, զի հետեւանքը այլապէս կը լինէր եթէ առաջնորդներուն իւրացուցած գումարները աթոռին դառնային, փոխանակ ազգականներուն անցնելու: Զի այն ատեն թէ բարձրագոյն ուսումնարան հաստատելու, եւ թէ արժանաւոր անձեր ունենալու նպատակներ իրականացած կ՚ըլլային: Կը խօսի եւս Պօլօժէնիէի վերաքննութեան համար նոր ծրագիր առաջարկելու մասին, եւ իր միայնակ եւ անօգնական մնացած ըլլալը կը ցուցնէ յապաղման պատճառ: Ասով մէկտեղ յիշեալ 1856 տարւոյ մէջ մասնաժողովոյ մը ձեռօք ծրագիր մը խմբագրել կու տայ, որ զինքն չի գոհացնէր, եւ ինքն իւր ձեռօք կանոնադրութիւն մը կը խմբագրէ, եւ կ՚ուզէ զայն պետութեան չներկայացած հմուտ եկեղեցականներէ եւ աշխարհականներէ ժողով մը կազմել, եւ անոնց կարծիքն ալ առնել (ՅՆՁ. 55), գուցէ ազգային միւս կաթողիկոսութեանց եւ պատրիարքութեանց տեսութիւններն ալ լսել, բայց իր յանկարծահաս մահը վրայ գալով նպատակին չի հասնիր, եւ գործը կը մնայ իր վիճակին մէջ, այսինքն վերաքննութիւնը առկախ եւ 1836-ին Պօլօժէնիէ ի գործադրութեան: Ներսէսի խմբագրած կանոնադրութիւնը տեսնուած չըլլալուն, պիտի չկարենանք անոր տեսութեանց եւ մտադրութեանց մասին որոշակի բան մը ըսել:

2622. ՕՐԻՆԱԿԱՆ ԽՍՏՈՒԹԻՒՆ

Ներսէսի կաթողիկոսական գործունէութեան գլխաւոր ձեռնարկները յիշեցինք, եւ անոնց անցուդարձերն ու պարագաներն են որ կը գրաւեն բոլոր իր ժամանակը: Բայց մենք աւելորդ կը սեպենք անոնց մանրամասնութեամբը զբաղիլ: Միս կողմէն Ներսէսի կեանքին մէջ կան այնպիսի գործեր եւ դէպքեր, որոնք իր նկարագիրին իսկութիւնը կը յայտնեն, եւ այսպիսիներն ալ չենք ուզեր անյիշատակ թողուլ, զի անհրաժեշտ են անձնաւորութիւնները ճանչնալու եւ արժանաւորութիւնները գնահատելու: Ներսէսի անձին վրայ միացած կը տեսնենք երկու իրարու ներհակ կարծուած երեւոյթներ, օրինական նախանձայուզութիւն անողոքելի խստութեամբ, եւ օրինակելի թոյլտուութիւն անպայման ներողամտութեամբ: Իշխան Խաչատուր Լազարեան զոր այնչափ բարեկամ եւ մտերիմ տեսանք Ներսէսի հետ 2572), հրաման կը խնդրէ իր Աննա եւ Եղիսաբէթ աղջիկները ամուսնացնել իր Մարիամ քրոջ որդւոյն Յովհաննէս Տէլանեանցի կամ Դելիեանեանցի, եւ Մարթա քրոջ որդւոյն Սիմէոն Աբիմէլիքեանցի հետ, որ է չորրորդ աստիճան ազգակցութեան: Խաչատուր այդ ազգակցական ամուսնութեան միտքը ունեցած կ՚ըլլայ անշուշտ Լազարեան սերունդը ամփոփ պահելու համար, զի իր միակ արու զաւակը Յովհաննէս վեցուկէս տարեկան վախճանած էր 1850 նոյեմբեր 26-ին (ԼԱԶ. Ա. 34), եւ իր երիցագոյն դուստրը Մարիամ ամուսնացած էր Շուետացի բողոքական Ներոտ կոմսին հետ (ԼԱԶ. Ա. 52), եւ Խաչատուր հայազգի ժառանգ չունէր իր տոհմին: Խաչատուր վստահ էր թէ Ներսէս պիտի չզլանայ իրեն այդ արտօնութիւնը` նկատելով իրենց անձնական յարաբերութիւնները եւ բացառիկ պարագային պահանջը: Ներսէս սակայն խնդիրը մերժեց եւ գրեց ալ թէ եկեղեցական օրէնքը սահմանուած է առանց բացառութեան բոլորի համար, լինին հարուստ թէ աղքատ: Խաչատուր միջնորդներ ղրկեց Էջմիածին Ներսէսի մտերիմներէն, Ագաֆոն Ակիմեանցը եւ Դաւիթ Թամամշեանցը, առատ նպաստներ խոստացաւ Ներսէսի ձեռնարկներուն, բայց Ներսէս աւելի եւս խստացաւ: Միաբանութեան երիցագոյններէն ժողով ալ գումարեց, որուն մէջ միայն Ղուկաս եպիսկոպոս գտնուեցաւ ներելու կողմը եւ վերջապէս մերժուեցաւ Խաչատուրի խնդրանքը: Բայց Խաչատուր իր միտքէն չհրաժարեցաւ, եւ երբ 1852-ին Մատթէոս եպիսկոպոս Բեսարաբիոյ առաջնորդ, որով եւ Պետրբուրգի թեմակալ, նոյն քաղաքը եկաւ, Խաչատուր ճարտար դարձուածներով անոր միտքը գրաւեց, եւ նա իր առաջնորդական իշխանութեամբ արտօնութիւնը առաւ, եւ պսակները կատարեցին քահանաները (04. ԲԱԶ. 422, ԼԱԶ. Ա. 52): Ներսէս լսելով Մատթէոսը Էջմիածին կանչեց, եւ երբ չեկաւ` առաջնորդութենէն հրաժարեցուց, իսկ նա Պետրբուրգ գնաց եւ Լազարեան Խաչատուրի ապաւինեցաւ, որ առաջուց խոստացած էր պաշտպան լինել նորան կառավարութեան միջոցով (04. ԲԱԶ. 422): Բայց այն օրէն հնօրեայ անխզելի բարեկամը անհաշտ թշնամի մը եղաւ Ներսէսի, եւ ամէն առիթի մէջ աշխատուեցաւ հակառակութիւն մղել անոր դէմ: Իսկ Ներսէս ընդհակառակը միշտ իր օրինական նախանձայուզութիւնը պահեց: Տեսնելով որ միաբաններ յաճախակի եկեղեցւոյ դասէն կը բացակային, օր մը հրաման կ՚ընէ որ ամէնքն ալ շինուելու եղող լիճին վրայ երթան եւ բոլոր օրը հոն մնան եւ ճաշի ալ չգան: Կէսօրէն ետքը ինքն ալ կ՚երթայ եւ արիուն քրտինքով աշխատող մշակներն ու վարդապետները ցուցունելով ամէնքը կը յանդիմանէ, թէ անոնք աշխատութեամբ հաց են ճարում, դուք էր նորանց դառն քրտինքով աշխատածն էք վայելում անաշխատ, եւ ծուլանում էք Աստծուն փառաբանել, մինչդեռ ձեր էլ պարտականութիւնն է աղօթել վասն բարօրութեան ազգի: Խրատը իր ազդեցութիւնը ունեցաւ կ՚ըսէ յիշատակագիրը, եւ բոլոր միաբաններն երեկոյ առաւօտ եկեղեցուց յետ չէին մնում (04. ԲԱԶ. 418):

2623. ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ ՆԵՐՈՂԱՄՏՈՒԹԻՒՆ

Այդ խստութեանց հանդէպ կը տեսնենք, Ներսէսը հեզահոգի եւ զիջողական, երբոր օրինական կէտ մը չէ խնդրի նիւթ եղողը: Վասիլ Բեհբութեանցի անունը քանիցս յիշուած է իբրեւ իր հօրմէն Յովսէփէ Ներսէսի դէմ հակառակութիւն ժառանգած 2343), եւ իբր Երեւանի նահանգապետ Կարբեցիին ընտրութիւնը յաջողցնելու աշխատող Ներսէսի դէմ 2471), Բեհբութեանց ուրիշ անգամ ալ առիթ չէ փախցրել Ներսէսին վիրաւորելու: Նա պաշտպանել էր պրոկուրոր Կարապետ Վասակեանցը, որ Գէորգ Վեհապետեան եպիսկոպոսի թելադրութեամբ Ներսէսի դէմ քսութիւններ էր գրած, եւ Ներսէսին նկարագրել էր իբրեւ տէրութեան դաւաճան: Նա Ներսէսին յանդիմանել էր Վօրօնցով փոխարքայի ներկայութեան թէ ձեր իflնչ բանն է այս տեսակ գործերին խառնուիլ, երբ Ներսէս գիւղացիներու դրութեան համար կը միջնորդէր: Նա համարձակեր էր նոյնպէս Ներսէսը մեղադրել թէ թագաժառանգը առանց եկեղեցական զգեստաւորութեան դիմաւորեր էր (04. ԲԱԶ. 420): Վերջապէս միշտ Ներսէսի հակառակութիւն յայտնելէ ետ չէր մնացած: Այսուհանդերձ երբ նա 1854-ին Օսմանեանց դէմ պատերազմին հրամատար նշանակուեցաւ, Ներսէս անյիշաչար հոգւով եւ նորան օրհնելով եւ բարեմաղթելով, իւր ձեռքով թուրը կապում է նորա մէջքը (04. ԲԱԶ. 421), ուսկից ետքը տարած է Բեհբութեանց իր նշանաւոր յաղթութիւնները: Ներսէսն է եղած որ վերուցած է կիներու Սեւանի անապատը մտնելուն արգելքը, իբր թէ անոնց ներկայութիւնը կրնար կրօնաւորներուն փորձութիւն պատճառել, մինչ Ներսէս կըսէր թէ այն չէ կարող նորանց գայթակղութեան առիթ տալ, եթէ իրանց հաւատքը վիմի վրայ է հաստատուած (04. ԲԱԶ. 418): Օր մը Գեչօրլուի գիւղականներ Ներսէսի ոչխար մը կը բերեն ընծայ եւ նա միւս օր անոնք ճաշի կը հրաւիրէ. բայց հանդիպմամբ նոյն օր Նազարով նահանգապետ երկու ընկերներով այցելութեան կու գայ եւ ճաշի մնալու կ՚ըլլայ: Ներսէսի հաւատարիմը եւ եղելութեան յիշատակագիրը Ստեփան Սամուէլեանց, ծածուկ Ներսէսի կ՚ազդարարէ թէ գիւղացիներու հրաւէրը ետ պիտի թողու, բայց Ներսէս ոչ միայն չի հաւանիր եւ պաշտօնակալներուն հետ գիւղացիներն ալ սեղանակից կ՚ընէ, այլեւ սեղանին վրայ եղելութիւնը խօսից նիւթ կ՚ընէ, եւ ընդարձակօրէն կը բացատրէ այդ մասին իր տեսութիւնը եւ ժողովրդական հաւասարութեան սկզբունքները: Բայց միւս կողմէն պատշաճից պահանջներն ալ գիտէր լիովին կատարել, եւ բարձր հիւրերը բարձր կերպերով պատուասիրել, ինչպէս տեսնուեցաւ Նասրէտտին շահին մօրեղբօր Բահրամ կամ Պէհրամ խանին Էջմիածին այցելելու առթիւ, որ անոր հետեւորդներն իսկ ըսեր էին, թէ շահի մօտ էլ այսպիսի պատիւ չէ տեսած նորա քեռին: Նմանապէս Ռուսաց թագաժառանգ Աղեքսանդր մեծ դուքսին 21 աստիճանաւոր հետեւորդներով եւ սպասաւորներու եւ խոհարարներու բազմութեամբ 1850 հոկտեմբեր 6-ին Էջմիածին այցելելու առթին, Ներսէս այնպիսի ճոխ հանդերձանք կազմակերպած էր որ Աղեքսանդր հրաման ըրաւ իր միատեղ ունեցած հանդերձանքը չբանալ, եւ այնպիսի ընտիր եւ հազուագիւտ համադամներ պատրաստած, որ կայսերական խոհարարապետը վկայած էր թէ մեզանում պալատան էլ սակաւ ենք պատրաստում այսպիսի կերակուրներ: Խրիմի պատերազմին ժամանակ ռուս զօրագունդը համարեա մի տարի բանակեցին վանքում եւ Վաղարշապատ գիւղում, երբ Ներսէս Տփղիս կը գտնուէր, բայց հրաման ըրած էր վանքին մէջ հիւրասիրել եւ կերակրել Վրանգէլ եւ Սուալով զօրավարները իրենց հետեւորդներով, որոնք Վեհարանի մէջ կը բնակէին, եկող գացողներուն պատշաճ պատուասիրութիւններ կ՚ըլլային, եւ նշանաւոր օրեր զինուորներուն ալ հաց եւ միս եւ բրինձ եւ օղի եւ գինի կը բաշխուէր, ամէն ինչ լիութեամբ (04. ԲԱԶ. 421): Բայց ինքն սակաւապետ էր յոյժ, կաթ եւ մածուն, հաւկիթ եւ փլաւ էին իր սովորական սնունդը, եւ իր չափաւոր եւ կանոնաւոր կեանքին հետեւանքն էր այն առոյգ վիճակը եւ անխոնջ աշխատութիւնը զորս պահեց մինչեւ իր մօտ իննսնամեայ տարիքը: Բայց մենք Ներսէսի վերջին օրերը չպատմած, դառնանք միւս աթոռներուն եղելութիւնները պատմել:

2624. ԿԻՐԱԿՈՍԻ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆՔ

Երուսաղէմի աթոռին անցքերը թողուցինք Կիրակոս պատրիարքի ընտրութեան հաստատուելուն, եւ 1847 փետրուար 14-ին աթոռ բարձրանալուն 2611): Իր նախընթացը ծանօթ է մեզ արդէն, իսկ իր նկարագիրը կը ներկայացուի իբր այր մեծահանճար, փառահեղ, պատկառելի, եւ համեղ ի բանս եւ ի գրիչս (ԱՍՏ. Բ. 536), որպիսի երեւցած էր պատրիարքութենէն առաջ, եւ աթոռի վրայ ալ չստեց այն մեծ ակնկալութիւնը, զոր միաբանութիւնը դրած էր իր վրայ, եւ զոր կ՚երաշխաւորէին Կ. Պոլսոյ, Եգիպտոսի, Երուսաղէմի եւ պահ մըն ալ Արմաշի մէջ ցուցած արդիւնաւորութիւնները: Թէպէտեւ համառօտ եղաւ իր պատրիարքութեան միջոցը, երեքուկէս տարիէ պակաս, բայց այնչափն ալ բաւեց որ ներքին բարեկարգութեան ազդու մղում տար եւ մտաւոր զարգացման գործը հետապնդէր, եւ միանգամայն իրաւանց խնդիրներուն խոհականութեամբ հետեւէր: Կիրակոս յատկապէս յիշատակելի է նաեւ իբրեւ շինարար, զի բաւական շինութիւններ եւ նշանաւոր նորոգութիւններ կատարուեցան իր օրով, որոնց մէջ նշանաւորագոյն է Նորթաղը, ուխտաւորութեանց սահմանուած թաղերուն լաւագոյնը եւ ընտրելագոյնը, որ Պահճէ թաղ կամ Պահճալը թաղ, այսինքն Պարտիզաթաղ ալ կը կոչուի, բակին մէջ գտնուող փոքրիկ պարտէզէն առնելով իր անունը: Հիմերը դրուած էին Զաքարիայի վերջին օրերը, բայց բոլոր շինուածը Կիրակոսի առաջին տարին բարձրացաւ 1847-ին վանական շինուածոց հարաւկողմը, երեք թեւերու վրայ, երկյարկանի եւ 47 օդասուն սենեակներով, այնպէս որ ամառային եղանակներուն ուխտաւորութեանց փակուելէն ետքը, միաբանութիւնը սովոր է անոնց մէջ օդափոխութիւն ընել: Պատրիարքաց ամարանոցի համար ալ նորագոյն շինութեանց ոճով յատուկ յարկաբաժին մը կառոյց 1848-ին, եկեղեցւոյ արեւելակողմը եղող Ցորենաթաղի սենեակներուն վրայ (ՍԱՒ. 1264), եւ թեթեւ շինութեամբ սենեակներ աւելցան Հաննաթաղին մէջ: Ս. Փրկիչ վանքն ալ նորոգեց, սենեակներ եւ խուցեր աւելցնելով, եւ նորէն ծեփել եւ յարդարել տուաւ Ս. Յովհաննէս փոքր եկեղեցին` Ս. Յարութեան արտաքին բակին մէջ (ԱՍՏ. Բ. 535), Ս. Յակոբայ Մայր տաճարին մէջ աւագ սեղանին եւ կողմնակի սեղաններու եւ Ս. Գլխադիրի կողմին փառաւոր խաչկալներուն ոսկեզօծները, որոնք Շղթայակիրի օրէն բաւական եղծած էին, ամբողջապէս նորոգուեցան, եւ Հրեշտակապետաց եւ Ծնունդի եկեղեցիներուն մէջ ալ ոսկեզօծներու նորոգութիւններ կատարուեցան: Կիրակոսի մեծ փափաքն էր վարժարանի համար ընդարձակ եւ տպարանի համար յարմարաւոր շէնքեր ունենալ, համոզուած ըլլալով որ տեղւոյն պայմանը մեծ դեր ունի կատարուելիք զարգացման մէջ, եւ այդ նպատակով պետական արտօնգիրը ստանալու համար ժամանակին հրահանգ տուած էր Զմիւռնացի Յովհաննէս եպիսկոպոսին որ Կ. Պոլսոյ փոխանորդութեան պաշտօնին վերադարձած էր, բայց արտօնագիրը հազիւ Կիրակոսի կեանքին վերջին օրերը հասաւ, որով գործողութեան ձեռարկելու ատեն չունեցաւ (ՍԱԼ. 1279):

2625. ՆԵՐՔԻՆ ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆՔ

Նիւթական շինութիւններու չափ, եւ թերեւս աւելի ալ կարեւոր են բարոյական շինութիւնները, եւ Կիրակոս չէր կրնար զանց ընել բարոյական շինութեան տարրերը, կրթութիւնն եւ ուսումը եւ բարեկարգ կանոնապահութիւնը: Ուսման եւ կրթութեան ինքն կանուխէն գործիչ մը եղած էր Երուսաղէմէ դուրս ալ, Իւսկիւտարի Ճեմարանին եւ Արմաշի վանքին մէջ, եւ պատրիարքական աթոռին վրայ ալ նոյն դերը պահեց: Ժառանգաւորաց Վարժարանը, զոր արդէն վանական շրջափակին մէջ մուծած էր իր տեղապահութեան ժամանակ 2609), կը զետեղէր հին պատրիարքարան կոչուած սրահին մէջ, Ս. Թէոդորոսի եկեղեցւոյն մօտերը, ուր այժմ գիրքերու թանգարանը կը գտնուի, եւ ուսուցիչ կը կարգէր Լիմայ Միաբաններէն Սիմէոն վարդապետ մը, սակայն անոր հայկաբանական հմտութիւնը գոհացուցիչ չգտնելով, 1848-ին Զմիւռնիայէ կը կոչէր Սաւալանեան Տիգրան ուսուցիչը, որուն ծանօթացած եւ որմէ օգտուած էր Զմիւռնիոյ նուիրակութեան ատեն 1822-ին: Սաւալանեան պաշտօնի կը մտնէր 1848 օգոստոսին, եւ քերականութեան վրայ կ՚աւելցնէր ճարտասանութեան, կրօնագիտութեան եւ աշխարհագրութեան դասերը: Պատրիարք եւ ուսուցիչ կը փափաքէին աւելի եւս զարգացնել ծրագիրը եւ ընդարձակել Վարժարանը, եւ կը սպասէին նոր շինութեանց արտօնագրին, որ ինչպէս վերեւ ըսինք տարապայման ուշացաւ: Սաւալանեան վարժարանական զբաղմանց հետ տպարանի համար ալ կ՚աշխատէր, եւ Կիրակոս ալ քաջալերուած Կ. Պոլսէ նորաձեւեալ Միւհէնտիսեան տառեր եւ Վիէննայէ գեղեցիկ մամուլ մը բերել տուաւ (ՆՇՆ. 25), եւ այս միջոցին տպագրուեցան Գաղատացի Իսահակ վարդապետի Յովսէփ գեղեցիկը, եւ Աղամալեանց Պետրոս եպիսկոպոսի Եփեսացւոց թուղթին մեկնութիւնը: Երուսաղէմացի մանկտւոյն համար բացուած նախակրթարանին համար ալ յատուկ խնամք տարուեցաւ, եւ այդ խնամքին արդիւնքն է արաբախոս ժողովուրդին մէջ հայերէն լեզուի գամքանզգամ տարածուիլը: Իսկ վանական կանոնապահութեան մասին մեծ զարկը իր օրինակով կու տար Կիրակոս, զի թէպէտ վատառողջ, բայց առտու երեկոյ անպակաս էր ժամերգութիւններէն եւ պատարագներէն, միշտ ներկայ էր միաբանական սեղաններուն, եւ ամէնքը կը յորդորէր վանական կարգապահութեան (ՍԱՒ. 1280), հեղգացողները խրատելով, փութաջանները քաջալերելով, բայց աւելի եւս իր օրինակով: Պատրիաքութեան առաջին օրէն փոխանորդ նշանակեց Կարնեցի Դաւիթ Գէորգեան վարդապետը (ՍԱՒ. 1261) եւ փակակալ կամ լուսարարապետ` Մարկոս եպիսկոպոս Պօղոսեանի 1849 փետրուար 20-ին վախճանելուն վրայ անոր յաջորդ նշանակեց Պօթուշանցի Գէորգ Տէր-Յարութիւնեան վարդապետը (ՍԱՒ 1276), որոնց երկուքն ալ շուտով եպիսկոպոսութեան բարձրացան, եւ միշտ զօրաւոր աջակիցներ եղան Կիրակոսի ջանքերուն:

2626. ԲԵԹՂԵՀԷՄԻ ԽՆԴԻՐՆԵՐ

Կիրակոս ալ առիթներ ունեցաւ սուրբ տեղեաց խնդիրներու պայքարներ մղել, եւ առաւելապէս Բեթղեհէմի սրբավայրին շուրջը, որ կարծես թէ առաջի օրէն առաելութիւն ունեցած է այդ տեսակ խնդիրներու մէջ: Առաջին խնդիրը մեծ դրան մասին եղաւ, որու բանալին տակաւին Յոյներուն ձեռք կը մնար, եւ շատ նեղութիւն կը պատճառէին հայ ուխտաւորներուն: Տեղւոյն վրայ չկարենալով լուծում մը տալ, հարկ եղաւ Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան դիմել եւ Մատթէոս պատրիարք դիւրագոյն կարծեց ուղղակի Յունաց պատրիարքին հետ բանակցիլ, եւ վարդապետներով եւ ամիրաներով Ֆէնէր գնաց, եւ չորս առաջարկներ ներկայեց մէկը կամ միւսը գործադրելու, այսինքն կամ բանալի մըն ալ Հայոց յանձնել, կամ դուռները միշտ բաց թողուլ, կամ երկրորդ դուռ մըն ալ բանալ, կամ դուռը տաճիկ դռնապաններու յանձնել Ս. Յարութեան տաճարին պէս: Յոյներ թէպէտ համակերպութիւն ցուցուցին, բայց եւ ոչ մին գործադրեցին, եւ գործն մնաց անարդիւն մինչեւ 1854-ի պատերազմը (ՊԷՐ. 317): Նոր խնդիր յուզուեցաւ Ծննդեան տեղւոյն աստղին պատճառով, թէպէտ Ծննդեան սեղանը Յունաց եւ Հայոց միայն յատկացեալ է պահելու եւ պատարագելու համար, սակայն Լատիններն ալ սեղանին ներքեւ ճաճանչաւոր աստղ մը ունին իրենց սեփականութիւն լատիներէն վերտառութեամբ, որ յանկարծ 1848 հոկտեմբեր 19-ին գիշերը անյայտացած եւ Լատիններ Յոյներուն եւ Հայերուն վրայ խուժեցին, իբրեւ գողութեան վրէժը լուծելու: Խաղաղութիւն հաստատելու եւ գողութիւնը գտնելու համար կառավարիչ Մուստաֆա Զարիֆ փաշա պատրիարքներու հետ Բեթղեհէմ կու գայ, բայց անհնար կըլլայ գողութիւնը ճշդել, մինչեւ Լատիններ նոր մը զետեղելու ձեռնարկած ատեննին, Հայեր կը լռեն եւ Յոյներ կ՚ընդդիմանան, եւ գողութիւնը իրենց կողմէն ըլլալուն կասկածը կը շատանայ: Ասով մէկտէղ որոշակի հաստատել անհնար կըլլայ, եւ յունական ընդդիմութեան շարունակելովը մինչեւ 1852 անհնար կ՚ըլլայ նոր աստղ մը զետեղել (ՍԱՒ. 1265): Խնդիր մըն ալ կը ծագի Բեթղեհէմի մէջ գտնուող Քառասնից այր, իսկ Լատիններէն Կաթին այր կոչուած սրբավայրին պատճառով: Աւանդութիւն է թէ Աստուածածինը այստեղ մնացած ըլլայ 40 օր մինչեւ տաճար երթալը, եւ հոն Յիսուսը դիեցուցած, եւ կաթէն գետին թափուած, որուն հողը մինչեւ հիմա ջերմեռանդ մայրերէ կաթի առատութիւն ստանալու համար կը գործածուի: Սրբավայրը երեք ազգերու միանգամայն սեփականութիւն էր, երբ 1849 յունիս 13-ին իբր թէ առաստաղը տեղտեղ վնասուած ըլլայ, Լատիններ զայն վար կ՚առնեն եւ իրենք առանձինն կը վերաշինեն: Յոյն եւ հայ պատրիարքներ կը բողոքեն, կառավարական քննութիւն կը բացուի, դատարանի առջեւ ալ կը քննուի, եւ երեք ազգերու հաւասար սեփականութիւնը կը հաստատուի, բարձրագոյն դուռ ալ կը ծանուցուի, եւ հաւասար իրաւունքը կայսերական հրամանագրով կը վճռուի: Ըստ այսմ նոյն 1849 տարւոյ հոկտեմբեր 29-ին երեք ազգերու ներկայացուցիչներ տեղւոյն վրայ կ՚երթան, պէտք եղած նորոգութիւնները կը լրացնեն, եւ ծախքը հաւասար բաժանմամբ կը վճարեն, եւ դուռն մշտնջենապէս բաց մնալոււն պայմանով երեք ազգերու հաւասար իրաւունքը պաշտօնապէս կը հռչակուի եւ միջադէպը կը փակուի: Սակայն Լատիններ իրենց մտադրութենէն ետ չկեցան, եւ հուսկ ուրեմն յաջողեցան այդ սրբավայրը իբրեւ առանձին սեփականութիւն զարդարել եւ փակել: Նոր խնդիր ալ տեղի ունեցաւ դարձեալ Բեթղեհէմի մէջ 1850 ապրիլ 15-ին, երբ Գէորգ ամիրա Միսաքեան, Ասորիքի եւ Պաղեստինի մաքսերուն կապալառուն, ուխտի գնաց Բեթղեհէմ, եւ հայ տեսուչն ու միաբանութիւնը եկեղեցական արարողութեամբ եւ թափօրով առաջնորդեցին ներքին սիւնազարդ գաւիթէն սկսելով: Յոյն տեսուչը աղաղակով եւ բռնութեամբ կ՚ուզէ թափօրը արգիլել, թէպէտեւ չի յաջողիր, բայց ամիրան Երուսաղէմ դառնալուն հրաման կու տայ մաքսատան պաշտօնեաներուն հնարաւոր եղածին չափ յոյն ուխտաւորները նեղել խուզարկութեամբ եւ դժուարութեամբ, մինչեւ որ Յունաց պատրիարքի կողմէն, Բեթղեհէմի տեսուչն ալ միասին բերելով, Հայոց պատրիարքարանը կու գան եւ ցաւ յայտնելով ու ներում խնդրելով ամիրային բարկութիւնը կ՚իջեցնեն: Բոլոր այս անցուդարձերուն մէջ Կիրակոս պատրիարք խոհական կերպով հսկեց գործոց ընթացքին իրաւունքները պաշտպանելով, բայց միանգամայն խաղաղարար ուղղութեան հետեւելով:

2627. ՀՐԱՇԱԼԻ ԼՈՅՍԸ

Կիրակոսի օրով տեղի ունեցաւ հրաշալի լոյսի մը երեւումը, զոր ամենայն մանրամասնութեամբ կը պատմեն Երուսաղէմի պատմագիրները, իբրեւ ականատեսներու բազմութեան վկայութեամբ հաստատուած եղելութիւն, եւ մենք ալ հարկ կը տեսնենք զանց չընել պատմութեանս կարգին: Կիրակոսի գահակալութեան յաջորդող տարւոյն, 1848 ապրիլ 12-ին, Զատկին երկրորդ օրուան հանդիսութիւնները լրացած էին Ս. Յակոբայ մայրատաճարին մէջ, պատրիարքական պատարագով եւ մեծահանդես թափօրով եւ բոլոր ճոխութեանց ցուցադրութեամբ, որ Երուսաղէմի հանդիսութեանց գլխաւորը ճանչցուած է, եւ կը կատարուի իբր ուխտադրութեան լրում եւ ուխտաւորաց հրաժեշտի արարողութիւն: Առաւօտեան ժամը 3-ին էր ըստ արեւելեան արեգակնային ժամահաշուի, երբ արդէն հանդիսական կանթեղները մարած էին, բայց զարդերը մէջտեղ էին, իսկ դուռը բաց էր մասնաւոր ուխտ ընողներու դիւրութեան համար, եւ ահա յանկարծ յապուրակի եւ յանակնկալս լոյս հրաշալի եւ ճաճանչագեղ երկնատիպ գունովք փողփողեալ կը ծագի ի վերայ պակերի աւագ սեղանոյ (ՍԱՒ. 1271) եւ պատելով կը ճառագայթէ ի մատրանէ սուրբ Գլխադրի Սրբոյն Յակոբայ (ԱՍՏ. Բ. 535), եւ տաճարին ամէն կողմերը տարածուելով` շարաններուն վրայի եւ առանձին կախուած ու արդէն մարած կանթեղները ինքնաբերաբար կը վառէ ու կը լուսաւորէ: Եկեղեցիին մէջ գտնուողներ այլյայլմէ եղած ձայն կու տան, վանականներ ու վանքին մէջ եղած ուխտաւորներ կը վազեն եւ հետզհետէ վառուող կանթեղները կը դիտեն: Դուրսէն ալ յայլազգեաց եւ յօտարաց բազմութիւն մեծ կը խռնուէր (ԱՍՏ. Բ. 536), եւ անունն Աստուծոյ յամենայն շրթանց հնչէր օրհնութեամբ եւ սաղմոսիւք: Մարկոս եպիսկոպոս փակակալ, վախենալով որ խառնակութեան մէջ զարդերուն եւ սպասներուն վրայ անխիղճ ձեռքեր երկննան, եւ կամ խռան մէջ ինկող եւ կոխան եղող տղաներ եւ տկարներ գտնուին, ամէն ջանք կընէ եկեղեցին պարպելու, գոնէ թեթեւցնելու եւ դուռերը նոր խուժողներու դէմ փակելու: Բայց այս անգամ նոր պարագայ մը կ՚աւելնայ, քանզի լոյսն փողփողինէջ եւ շողշողենի ընդ փակ դրունս եկեղեցւոյ արտաքս պղպջակեալ կ՚ելնէր դուրս, եւ արտաքին գաւիթին մէջ եղող կանթեղները կը լուսաւորէր ակնյանդիման ամենեցուն, որ զանազան ազգերէ հաւաքուած էին, նաեւ իսլամներ որոնք կառավարիչէ յղուելով եղելութեանց վկայեցին (ՍԱՒ. 1272): Երեւոյթը եւ հետաքրքիրներուն բազմութիւնը տեւած է ժամս իբր երեք, ուսկից ետքը կ՚երեւի թէ կանթեղները ինքնիրեն ալ մարած են, հարկաւ իւղերն ալ սպառելով: Մենք եղելութիւնը յառաջ բերինք ինչպէս պատմագիրներէն յառաջ բերուած գտանք, որոնք կը խոստովանին համարձակ թէ յայսպիսի դարու կեամք, յորում եւ զճշմարիտն իսկ յասել մեր, պարտիմք կանխաւ յանձին գոլ եւ խորհել զի մի' ստգտանիցիմք, եւ համարիցիմք թեթեւախօս լինել եւ ընդայրաբան (ՍԱՒ. 1270): Մեզի անհնար է քննութեան կամ քննադատութեան մտնել, թէ որ եւ է պատահական պատճառ մը կրնար տեղի տալ այդ երեւոյթին, ուստի իրողութիւնը կը թողունք իւրաքանչիւրի խղճի դատողութեան, միայն կ՚աւելցնենք թէ մինչեւ ցայսօր նոյնութեամբ կը պատմուի սոյն իրողութիւնը, 67 տարի առաջ տեսնողներէն մնացող ծերունիներէն:

2628. ԻՍԱՀԱԿ ԳԱՂԱՏԱՑԻ

Այստեղ յատուկ յիշատակութեան արժանի կը դատենք Իսահակ Տէր Գրիգորեան վարդապետին անունը, աւելի ծանօթ Գաղատացի Իսահակ կոչմամբ, թէպէտ ինքն Անկիւրացի գործածած է իր ստորագրութեան մէջ (ԻՍԱ. 22): Իսահակ ճանչցուած է իբր այր հանճարաւոր, գործօն եւ արիասիրտ, եւ իբր մի յաշխատաւոր հարց սրբոյ աթոռոյն (ՍԱՒ. 1264): Նորա անունը յիշեցինք Համբարձման եկեղեցւոյն շինութեան առթիւ, որուն վրայ մեծ աշխատանք թափեց1836-ին, բայց դժբախտաբար երեք տարի ետքը 1839-ին անոր քանդումն ալ տեսաւ 2550), թարգմանութեան պաշտօնին վրայ գտնուած ատեն: Երբոր նորէն հնդկաց նուիրակի առաքումը որոշուեցաւ, Իսահակ նախադասուեցաւ իբրեւ գործունեայ անձնաւորութիւն, բայց ըսող ալ կայ թէ խրոխտ բնաւորութեանը համար հեռացնել ուզուեցաւ: Ընտրելին ըստ սովորութեան Զաքարիա պատրիարք ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանը տուաւ 1842 մայիս 10-ին (ԻՍԱ. 20), եւ ուղեւորեց Բաբերդցի Սարգիս Աստուածատուրեան սարկաւագին ընկերութեամբ: Իսահակի գործունէութիւնը ոչ միայն արդիւնաւոր եղաւ նուիրակութեան տեսակէտէն, այլեւ հովուական եւ քարոզչական կողմէն, այնպէս որ Կալկաթայի հայաբնակութիւնը պարտք սեպեց պաշտոնական եւ հանդիսական կերպով իր երախտագիտութիւնը յայտնել: Քաղաքին 4 քահանաները եւ գլխաւորներէն 40 անձեր ժողովի գումարուեցան 1844 մայիս 5/17-ին Ս. Նազարէթ եկեղեցւոյ սրահը (ԻՍԱ. 3), Խաչկեան Յովհաննէս քահանայի նախագահութեամբ եւ վարդապետին աշխատութիւնները գովաբանելէն ետքը որոշեցին մագաղաթի վրայ գրուած երախտագիտական ուղերձ մը մատուցանել, եւ արուեստագործ գեղեցիկ ոսկեզօծ գաւազան մը նուիրել (ԻՍԱ. 7): Գաւազանը պատրաստուեցաւ 1844 հոկտեմբեր 6 թուակիր յիշատակագրութեամբ (ԻՍԱ. 15), եօթնագլուխ համակ արծաթեայ բազմարուեստ եւ ոսկեզօծ գաւազան մը (ԻՍԱ. 20), որ ցարդ կը պահուի, իսկ վայելչահիւս եւ վսեմ թուղթն շնորհակալութեան (ԻՍԱ. 8) կոկիկ գրաբարով գրուեցաւ Յովհաննէս Ավտալեանցէ, որուն մէջ գովութեամբ կը յիշուին նաեւ Երուսաղէմի միաբանութիւնը եւ Զաքարիա պատրիարքը: Ուղերձը 90 ստորագրութեամբ (ԻՍԱ. 8-15) մատուցուեցաւ վարդապետին սեպտեմբեր 30/12 հոկտեմբեր հանդիսական նիստի մէջ, ուր Իսահակն ալ շնորհակալութիւն յայտնած է ոգեւորեալ ատենաբանութեամբ (ԻՍԱ. 16-22): Բայց տակաւին երկու տարի եւ աւելի եւս մնացած Իսահակ Հնդկաստանի մէջ, ուրիշ քաղաքներու հայ գաղութները շրջելով եւ միայն 1847-ին կը մեկնի Երուսաղէմ դառնալ դրամական եւ նիւթական լաւ արդիւնաւորութեամբ: Հաւանաբար Զատիկ ընելէ ետքը ճամբայ ելած է, որ այն տարի մարտ 23-ին կ՚իյնար զի մայիս 10-ին կը վախճանի Կարմիր ծովու Ճիտտէ նաւահանգիստին մէջ յանկարծահաս մահուամբ (ՍԱՒ. 1264) կամ յանկարծ դիպուածով (ԱՍՏ. Բ. 534): Սարգիս Սարկաւագ լուր կու տայ Երուսաղէմ, ուր գոյքը կը հասնի յուլիս 29-ին, եւ Կիրակոս, որ նոր բարձրացած էր աթոռ, Տիգրանակերտցի Մեսրոպ վարդապետը եւ Այնթապցի Յովսէփ սարկաւագը ճամբայ կը հանէ, որոնք Բաբերդցի Սարգիս սարկաւագի հետ Երուսաղէմ կը փոխադրեն հանգուցելոյն հաւաքած նիւթական եւ դրամական արդիւնքները եւ բոլոր թուղթերը (ՍԱՒ. 1264), իսկ մարմինը թաղուած կը մնայ այնտեղ, մինչեւ որ 1856-ին ոսկրները կը փոխադրուին, եւ միաբան վարդապետաց կարգին կ՚ամփոփուին օգոստոս 30-ին, Ս. Փրկչի գերեզմանոցին մէջ (ԱՍՏ. Բ. 534): Իսահակ գրական կարողութեան ալ տէր եղած է, եւ իր հեղինակութիւններէն տպագրուած է Յովսէփ գեղեցիկը Կիրակոսի օրով 2625): Ճանապահորդութեան յիշատակները եւ ուրիշ բանասիրական հատուկտորներ պահուած են Երուսաղէմի թանգարանը:

2629. ԵՐԵՔ ԱԶԳԱՑ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՔ

Կիրակոսի պաշտօնավարութեան կարեւոր յիշատակներէն մէկն ալ երեք ազգերու պատրիարքներուն միջեւ կայացած հաշտարար ուխտն է, որուն թէպէտ նախաձեռնութիւնը կառավարիչ Մուսթաֆա Զարիֆ փաշա ստանձնեց, սակայն գիտնալով Կիրակոսի զգացումները եւ կառավարիչին հետ մտերմական յարաբերութիւնները, ճշմարտանման կը գտնենք Կիրակոսի դրդումը տեսնել այդ ձեռնարկին մէջ: Բայց նախապէս յիշենք թէ առաջին ժամանակներուն մէջ Լատիններ պատրիարք չունէին Երուսաղէմի մէջ, այլ Փրանկիսկեան կրօնաւորաց մեծաւորը Սուրբ տեղեաց պահապանի պատուանունով թէ սրբավայրերու պաշտպանի պաշտօնը վարելու, եւ թէ հռոմէադաւան համայնքին առաջնորդն էր, սակայն արտաքին դիրքովը Յունաց եւ Հայոց պատրիարքներէն ստորին կ՚երեւէր: Պիոս Թ. պապ այդ կէտը նկատի առնելով Երուսաղէմի մէջ լատին պատրիարքութեան աթոռ մը ստեղծեց 1847-ին, լոկ թեմակալ առաջնորդութեան իրաւասութեամբ, Սուրբ տեղեաց պաշտպանութեան եւ պաշտամանց իրաւունքները ըստ առաջնոյն Փրանկիսկեանց մեծաւորին վրայ պահելով: Նոր աթոռին առաջին պատրիարք անուանուեցաւ Յովսէփ Վալերկա, ազգաւ Իտալացի, եւ ծննդեամբ Գենուացի, որ Երուսաղէմ հասաւ 1848 յունուար 5-ին (ՍԱՒ. 1266): Նոյն տարին երկու տոմարներուն զատիկները միեւնոյն օր կը հանդիպէին ապրիլ 11-ին, իսկ Քրիստոսի յարութեան քրիստոնէական տօնը մեծ շփոթութիւններու եւ վէճերու եւ կռիւներու օր մըն էր Երուսաղէմի համար, մանաւանդ զատիկներու մասին հանդիպելուն առթիւ: Այդ բանին կառավարիչ փաշան ալ զգածուած ըլլալով, մարտ 3-ին Մեծպահքի սկիզբներէն, երեք պատրիարքները Ս. Յարութեան տաճարը հրաւիրեց, եւ ազդու կերպով խօսեցաւ փոխադարձ սիրոյ եւ խաղաղութեան վրայ, եւ նոյն սրբավայրին մէջ խոստում եւ ուխտ առաւ անոնցմէ իրարու հետ հաշտարար յարաբերութիւններ պահելու, փոխադարձ այցելութիւններ ընելու, որ վերջին գժտութեանց պատճառով ընդհատուած էր, եւ իրենց օրինակով եւ յորդորներով ժողովուրդին մէջ ալ քրիստոնէական սէր արծարծելու (ՍԱՒ. 1268): Գովելի էր կառավարիչին ջանքը, պատրիարքներն ալ հարկաւ զգածուած էին տեսնելով, որ իրենց, քրիստոնէական պետերուն, ոչ-քրիստոնեայ մը քրիստոնէութեան սկզբունքները կը թելադրէր: Սակայն դժբախտաբար պիտի չկարենանք իրականացեալ հետեւանք մըն ալ արձանագրել, զի Սուրբ տեղեաց վէճերն ու կռիւները չեն անհետացած, եւ այսօր ալ թէպէտ աստիճան մը նւազած, տակաւին կան եւ կը մնան եւ արմատաքի խլուած չեն: Ս. Յարութեան ժողովէն քիչ օր առաջ, փետրուար 2-ին, պեղումներուն առթիւ հնութեանց հետքեր երեւցած էին Մամիլլա աւազանին վերին կողմը, որ կը նոյնացուի Սուրբ Գրոց վերին աւազանին կամ վիշապաց լիճին հետ, կամ խաչակիրներու ժամանակին Պատրիարքի լիճին հետ: Հնութեանց մէջ Քրիստոս ողորմի Սարգիս վարդապետի ծնողաց հոգւոյ հայերէն արձանագրութիւն մը կար, որ հնութեանց եւ աւերակներուն Հայոց սեփականութիւն եղած ըլլալը կը հաստատէր, եւ Կիրակոս պատրիարք հետապնդեց ազգային իրաւունքը պաշտպանել եւ ստացութիւնը ապահովել, սակայն միւս ազգերուն ընդդիմութիւնը եւ այդ պատճառով ծագած հակառակութիւնները, որ կը տեւէին մարտ 3-ի գումարման օրն ալ, խնդիրը այնչափ կնճռոտեցին, որ կառավարիչը հրամայեաց լնուլ զտեղին աւազակուտիւ, եւ հնութիւնները անհետացնելով խնդիրներն ալ վերջացնել (ՍԱՒ. 1267):

2630. ԿԻՐԱԿՈՍԻ ՄԱՀԸ

Կիրակոս պատրիարք Մնացականեան 1783-ին ծնած, տակաւին 67 տարեկան էր, 1850-ին, որ ծանր տարիք մը չէ, բայց տկարութիւն իմն յանձին զգայր (ՍԱՒ. 1280), ի չարատանջ ախտէ զոր կրէր ի ստամոքսի իւրում, կարծեցեալ ախտ թանչից (ԱՍՏ, Բ. 536), ուսկից ստէպ կը նեղուէր եւ կը տանջուէր եւ ատեն տագնապներ ալ կ՚անցունէր, բայց եւ հանապազօր եկեղեցի իջնալէ եւ վանական կարգապահութենէ ետ չէր կենար: Պատմուած պարագաներ ստամոքսի քաղցկեղի նշաններ կ՚երեւան: Այդ տագնապները նորոգուեցան 1850 մայիս 24 չորեքշաբթի օր արեւ մտնելէն երկու ժամ ետքը: Ստամոքսի վրայ սաստիկ ծանրութիւն եւ անքնութիւն զգալով անկողինէն կ՚ելլէ, բայց չի հանդարտիր, ստամոքսը կը յուզուի, նողկանք կ՚իմանայ, դուրս տալու պէտք կը զգայ, կը նուաղի, բժշկի գացողներուն խոստովանահայր կանչել կը հրամայէ, եւ այդ շփոթութեանց մէջ անկողնին վրայ կ՚իյնայ եւ հոգին կ՚աւանդէ մայիս 24-էն 25 կէս գիշեր քիչ անցած, որով 1850 մայիս 25, Երեւման խաչին հինգշաբթին իր մահուան թուական կը նշանակուի տապանագիրին մէջ: Նոյն օր կը կատարուի փառաւոր յուղարկաւորութիւնը, եւ մարմինը կ՚ամփոփուի Ս. Փրկչի բակը շրջապատող երեսբաց ճեմելիքին մէջ պատրիարքաց կարգին, ուր կանգնեցաւ յետոյ շիրիմ փառաւոր (ԱՍՏ. Բ. 536): Կիրակոսի մահուանէն հազիւ երկու օր անցած Երուսաղէմ կը հասնէր ճարտարապետ Սարգիս Իջմէցի, արքունական շինութեանց Համամճի պաշի, այսինքն որմնադիրներու պետ, յատկապէս յղուած Էօմէրի մեծ մզկիթին նորոգութեան համար, որուն այս առթիւ Յովհաննէս եպիսկոպոս յանձնարարած էր արտօնագիրը առնուած վարժարանին եւ տպարանին շինութեանց ալ հսկել: Եւ որովհետեւ ամէն պատրաստութիւնք կատարուած էին հանգուցելոյն կողմէն, յունիս 1-ին մահուանէն շաբաթ մը ետքը, հինգշաբթի օր շինութեանց ձեռք զարնուեցաւ սկսելով Չամթաղ կամ Մայրիթաղ մասէն, որուն հիմերը արդէն դրուած էին Կիրակոսի կենդանութեան:

2631. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Պօղոս Ադրիանուպոլսեցի կենդանի էր Կիրակոսի մահուան ատեն. բայց գործերու վիճակի մէջ չէր. Դաւիթ Գէորգեան եպիսկոպոսը տեղապահութիւնը կը ստանձնէ միաբանական ժողով գումարելով ընտրելեաց եռանուն ցանկը կը կազմուի, Յովհաննէս, եւ Դաւիթ եւ Գէորգ եպիսկոպոսներու անուններով (ՍԱՒ. 1272): Յովհաննէս Մովսէսեան Զմիւռնացի, որ Զաքարիայի մահուան ատեն միաբանութեան հետ գժտած, փոխանորդութիւնը թողած եւ հեռացած էր, եւ այդ պատճառով միաբանութիւնը անոր ընտրութեան դիմադրած էր 2611), Կիրակոսի ընտրութենէն ետքը միաբանութեան հետ հաշտուած եւ փոխանորդութիւնը վերստանձնած էր, Կիրակոսի գործածած շահեցողական ընթացքին շնորհիւ, ինչ որ չենք վարանիր իբր գովեստ յիշել Կիրակոսի հետեւած ուղղութեան: Եւ որովհետեւ Զմիւռնացիին գործունէութիւնը ծանօթ էր, միաբանութիւնը չվարանեցաւ այս անգամ զայն ընտրելեաց ցանկին գլուխը նշանակել իբր շեշտելու նշան: Իսկ միւսները վանքին գլխաւոր պաշտօնակալներն էին, փոխանորդ Դաւիթ Գէորգեան Կարնեցի եւ լուսարարապետ Գէորգ Տէր-Յարութիւնեան Պօթուշանցի: Միաբանութեան պաշտօնագիրին վրայ Կ. Պոլսոյ ազգային ժողովը գումարուեցաւ յուլիս 4-ին, Յակոբոս պատրիարքի նախագահութեամբ, որ Մատթէոսի յաջորդած էր, եւ անհակառակ հաստատեց Յովհաննէսի ընտրութիւնը եւ կայսերական հրովարտակն ալ ստացաւ շքանշանին հետ: Հրաւիրակ հասան Երուսաղէմէ երկու վարդապետ եւ երկու սարկաւագ, բայց Յովհաննէս տակաւին Կ. Պոլիս մնաց թէ իր գործերը կարգադրելու, եւ թէ նոր պատրիարքարանի շինութեան արտօնագիրը ստանալու համար: Հոկտեմբերի կէսէն ետքը Կ. Պոլիսէ մեկնեցաւ, նոյեմբեր 7-ին Երուսաղէմ մտաւ, 9-ին հրովարտակները անձամբ տեղական կառավարութեան ներկայեց, եւ 11-ին Հրեշտակապետաց տօնին կիրակնամուտի երեկոյին հանդիսապէս բազմեցաւ Երուսաղէմի պատրիարքութեան առաքելական աթոռը (ՍԱՒ. 1283. ԱՍՏ. Բ. 537):

2632. ՄԱՏԹԷՈՍԻ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ

Այստեղ Երուսաղէմի անցքերուն շարքը պահ մը կ՚ընդհատենք, Կ Պոլսոյ ժամանակակից եղելութիւնները քաղելու համար, ուսկից ետքը նորէն Երուսաղէմ կը դառնանք Յովհաննէս պատրիարքի գործերը պատմելու: Կ. Պոլսոյ պատրիարք Մատթէոս Չուխաճեանի գործերը ըստ բաւականին քաղեցինք 2587-2598), որոնց մէջ յայտնուած է նա ինքնատիպ նկարագիրի մը տէր, ամէն տեսակ գործերու ձեռնամուխ, դժուարութեանց առջեւ չփախչող, նոր ձեռնարկներու հետամուտ, ու ինչպէս անգամ մըն ալ յիշեցինք 2587), փառասէր, նախանձոտ, եւ յամառ, մէկ խօսքով ինքնահաւան գործիչ մը առանց բաւականաչափ կարողութիւն եւ դատողութիւն ունենալու: Այդ նկարագիրը ամիրայից խումբն ալ յոգնեցուցեր էր, որ շատոնց կը մտածէր պատրիարք փոխել, եւ անոր նշանակած առաջնորդներն ալ փոփոխել, սակայն միախորհուրդ չէին, եւ մանաւանդ ամէնուն հաճոյ յաջորդ մը չունէին պատրաստ: Մատթէոս անգիտակ չէր անցուդարձին, բայց կ՚երեւի թէ ամիրայից անհամաձայնութիւնը զինքն աւելի քաջալերեց, մինչեւ իսկ անոնք ցաւցնելէ չքաշուելու չափ: Ճանիկ Փափազեանի քրոջ յուղարկաւորութեան հրաւէրը մերժեց, Միսաք Միսաքեանի ընդդիմացաւ, որ Բերայի եկեղեցւոյն գետինէն երկու հարիւր կանգուն կտոր մը կ՚ուզէր առնել, Գայիանեանց դպրոցին եւ արհեստանոցին եւ աղբիւրին շինութեանց համար ըրած ծախքին փոխարէն, եւ Բերայի ժողովուրդը գրգռեց որ Միսաքեանի փոփխութիւնը պահանջէ, եւ իսկոյն այնտեղ Տատեան Պօղոս վառօդապետը Բերայի եկեղեցւոյն վերատեսուչ անուանեց: Ճանիկ եւ Միսաք միաբանեցան, ամիրաները գրգռեցին, եւ ժողովով որոշեցին պատրիարքէն հրաժարականը պահանջել, եւ այս նպատակով միանգամ եւ երկիցս պատգամաւորներ ղրկեցին, բայց Մատթէոս միշտ մերժեց թէ այսու անարգական եղանակաւ չուզեր հրաժարիլ: Կառավարութեան դիմելով պաշտօնանկութիւնը խնդրելու խորհուրդն ալ յղացան, բայց չկրցան միաբանիլ, եւ ընդդիմացողներուն գլխաւորն էր Մկրտիչ Ճէզայիրլեան: Այդ անցուդարձերը տեղի կ՚ունենային 1848 ապրիլին: Ամիսներ անցան եւ սեպտեմբերի մէջ օր մը Մատթէոսի կը ներկայանայ Պօղոս Օտեան, արքունի շինութեանց հաշուակալ եւ 50, 000 դահեկան կը յանձնէ անունը չտալու պայմանով, բարեպաշտօն անձին միոյ անունով շահեցնելու եւ ամսական 500 դահեկան յատկացնելու Գարակէօմրիւկի Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ դպրոցին: Պատրիարքը կ՚ընդունի եւ կ՚օրհնէ եւ գումարը առանց յատուկ անունի կը յանձնէ նոյն եկեղեցւոյ վերատեսուչին որդւոյն Միքայէլ Արզումանեանի: Ճէզայիրլեան Մկրտիչ իրողութիւնը լսելով պատրիարքին կը դիմէ իբրեւ ժողովական, կը ստիպէ նուիրատուին անունը յայտնել, եւ Մատթէոսի խիստ մերժումէն զայրացած, ուղղակի մեծ Եպարքոս Ռէշիտ փաշայի կ՚երթայ, որուն սեղանաւորն էր, եւ պատրիարքը կ՚ամբաստանէ իբր պետութեան հրամանով հաստատուած ժողովը չսեպող եւ իւրովի գործող, եւ եպարքոսն ալ Յակոբ Կրճիկեանի կը յանձնէ պատրիարքէն հրաժարականը պահանջել: Կրճիկեան պատրիարքին կը ներկայանայ Իւսկիւտար, Խաչվերացի օրը սեպտեմբեր 17-ին, եւ հրամանը կը հաղորդէ, եւ Մատթէոս հինգշաբթիին սեպտեմբեր 21-ին ժողով կը գումարէ (ՊԷՐ. 361), եւ բռնութեամբ ստիպեալ ըլլալը յայտնելով, յօժարութեամբ կու տայ հրաժարականը, իր կացութիւնը նմանեցնելով, առաքեալներուն, որ վասն անուանն Քրիստոսի արժանի եղեն անարգելոյ: Այդ առթիւ կը յիշէ թէ իրմէ ալ բաւական դահեկան ծախսած է ազգային գործերու համար, 37, 865 բողոքականաց խնդիրին, 25, 000 Սամաթիոյ հրկիզելոց, 6, 000 Գաղատիոյ աղքատներուն, եւ 4, 500 զանազան փորձանաւորներուն: Հրաժարագիրը կը յանձնէ Մաքսուտ Սարիմեանի եւ նոյն օր կ՚երթայ պատրիարքարանի կից Ճանիկ Փափազեանի սեփական Յովհաննէս Ասլանեանի բնակած տունը (ՊԷՐ. 365), եւ քանի մը օր ալ Այօսթեֆանօ Տատեանց հիւր մնալով, 1848 հոկտեմբեր 1-ին կը փոխադրուի Օրթաքէօյ իր տունը (ՊԷՐ. 561):

2633. ՅԱԿՈԲՈՍ ԴԱՐՁԵԱԼ

Մատթէոս պատրիարքութեան բարձրացած էր ժողովրդականութեան արժանիքով, եւ այդ արժանիքը աւելցած էր իր վրան ամիրաներուն անսաստելուն եւ ամիրաներէ հալածուելուն պատճառով, որով իր հրաժարականը առիթ տուաւ ժողովրդական յուզումներու, որոնց գլուխ էր կանգնած հռչակաւորն Իսկէնտէր գինեպան, լեզուանի եւ յնդուգն ամբոխավար մը: Երբ սեպտեմբեր 23-ին շաբած օր (ՊԷՐ. 365), կառավարութեան պաշտօնեայն պատրիարքարան եկաւ նոր ընտրութիւն կատարել տալու, ամբոխին կողմէ ձայներ բարձրացան թէ նորէն Մատթէոս պատրիարքը կ՚ուզեն: Պաշտօնեայն անոր հրաժարականը ընդունուած եւ դառնալը անհնար ըլլալը իմացուց, եւ ամբոխը սկսաւ Յակոբոսի անունը տալ իբր զի նա ալ ամիրաներէ հալածուելով պատրիարքութենէ դադարած էր 1840 սեպտեմբերին 2546): Որչափ ալ Յակոբոսի անձն ալ հաճելի չէր ամիրայական խումբին, սակայն ժողովրդական ցոյցին դէմ չկրցան ելլել, եւ ակամայ կամօք զիջան յընտրութիւն ժողովրդոցն, իրենք ընտրութեան պաշտօնագիրը կազմեցին եւ պաշտօնեայն խոստացաւ կատարել զխնդիր նոցա, եւ այսպէս Յակոբոս պատրիարքութենէ դադարելէն ճիշդ ութը տարի ետքը նորէն պատրիարք ընտրուեցաւ եւ պետական հաստատութիւնն ալ անյապաղ կատարուեցաւ: Հրաւիրակներ մեկնեցան Ամասիա, ուր առաջնորդութիւն կը վարէր (ՊԷՐ. 271, 01 ՕՐԱ. 236) եւ ոչ Եւդոկիա (ՊԷՐ. 366, 561), Յակոբոսին առաջնորդելու, որ Կ. Պոլիս մտաւ նոյեմբեր 1-ին (ՊԷՐ. 562), Գիւտխաչի չորեքշաբթի օրը, եւ ուղղակի բարձրագոյն դուռ գնաց, եւ ընկալեալ զնշան պատրիարքութեան հանդիսապէս Մայր եկեղեցի եկաւ, ժողովուրդը օրհնեց եւ պատրիարքարան ելլալով աթոռ բազմեցաւ: Նա սովոր էր առաջ Յակոբոս ստորագրել, բայց երկրորդ պատրիարքութեան մէջ սկսաւ Յակոբ ստորագրել (01. ՕՐԱ. 236), բայց մենք կը շարունակենք առաջին ձեւով տալ իր անունը, զի պարզապէս ձեւի տարբերութիւն են երկու կոչումները:

2534. ՄԱՏԹԷՈՍԻ ԺԱՄԱՆԱԿԸ

Մատթէոսի ժամանակին պատկանող տեղեկութիւնները համառօտիւ լրացնել ուզելով, պէտք է յիշենք իր պատրիարքութեան օրով հայութեան երկու մեծ կեդրոններուն Կ. Պոլսոյ եւ Զմիւռնիոյ մէջ տեղի ունեցած կրթական եւ գրական եւ զարգացական արգասիքները: Ասով չենք ուզեր ըսել թէ այս ամէնը Մատթէոսի անձնական արդիւնաւորութեան հետեւանքներ եղան, զի լաւ գիտենք թէ իր նախորդներուն, եւ գլխաւորապէս Աղաւիի օրերէն, եռանդոտ շարժում մը սկսած էր ազգին մէջ յառաջադիմական շաւղին հետեւելու 2538): Առ այս գլխաւոր միջոցները նկատուած էին եւրոպական երկիրներու, ինչպէս Իտալիոյ եւ գլխաւորապէս Գաղղիոյ հետ շփումը, եւ անոնց վարժարաններուն մէջ ուսած նորահաս սերունդի մը ազգին մէջ տարածուիլը, որոնք այդ միջոցին տեղերնին կը դառնային, եւ ոչ միայն ժողովրդական, այլեւ ամիրայական դասակարգներուն հոգածութեան եւ զոհողութեան հոգի կը ներշնչէին, եւ անոնց հովանաւորութիւնը իրենց աշխատութեանց միացնելով օգտակար հաստատութեանց նախաձեռնարկներ կ՚ըլլային: Այս կարգին մէջ առաջին պիտի յիշուին վարժարանները, որոնց գլխաւորն է Իւսկիւտարի ճեմարանը, եւ որուն բացումը 2540), եւ վերաբացումը 2592) արդէն պատմած ենք, եւ ոչ նուազ օգտակար եւ զարգացուն եղան ուրիշներն ալ, զորս արդէն յիշած ենք 2539), եւ որոնց մէջ աւելի արդիւնաւոր եղած էին Սամաթիոյ Սուրբ-Սահակեանը Երեմեան Գէորգ ամիրայի հովանաւորութեամբ, եւ Խասքէօյի Սուրբ-Ներսիսիեանը Ճէզայիրլեան Մկրտիչ ամիրայի պաշտպանութեամբ: Ընկերական խումբեր ալ կազմած էին Գումքաբուի Լուսաւորչեանը, Բերայի Նարեկեանը, Նառլքաբուի Վառվառեանը, Պալաթի Խորէնեանը, Կէտիկփաշայի Մեսրոպեանը, եւ ուրիշներ, 1847-ին 25 ազգային վարժարաններ կը գտնուէին Կ. Պոլսոյ մէջ, ամէնն ալ բարեկարգ վիճակով (01. ՕՐԱ. 230): Իսը Զմիւռնիոյ մէջ առաջնակարգ դիրք գրաւուած էր Սուրբ-Մեսրոպեանը, եւ վարժարաններ հիմնուած էին վիճակին գլխաւոր աւանները (01. ՕՐԱ. 231): Վարժարաններեն ետքը կու գան տպարաններ, Արապեան, Տիվիթճեան, Մինասեան, Չըրչիլեան, Բենետիկդեան, Կ. Պոլսոյ մէջ, եւ Պալթազարեան ու Հրատարակչականը Զմիւռնիոյ մէջ: Պարբերականներն ալ սկսան հրատարակուիլ, Արշալոյս Արարատեան ի Զմիւռնիա, եւ Ազդարար Բիւզանդիոն եւ Հայաստան ի Կ. Պոլիս: Եղան եւս մտաւոր զարգացմամբ ճոխացած եւ օգտակար հրատարակութեանց հեղինակ բազմաթիւ անձեր, որոնց գլուխը կը յիշենք Յովհաննէս Տէրոյենց պատուելին, Սերովբէ Վիչէնեան բժիշկը, Յակոբ Կրճիկեան դիւանագէտը, Գրիգոր Աղաթօնեան եւ Գէորգ Սթիմարաճեան հողագէտներ, Կարապետ Տավութեան պատմագիր, Կարապետ Իւթիւճեան եւ Նիկողայոս Զօրայեան խմբագիրներ, Գրիգոր Սինապեան եւ Յարութիւն Տատեան բնագէտներ, Յովսէփ վուդճեան, Յովհաննէս Հիսարեան, Խաչատուր Պարտիզպանեան եւ Խաչատուր Միսաքեան գրագէտ ուսուցիչներ, եւ ուրիշ շատեր, ամէն ալ ծանօթ անուններ եւ ազգային կեանքի մէջ նշանաւոր գործիչներ, ինչպէս յիշելու առիթներ պիտի ունենանք: Նորագոյն խումբի մը պատրաստութիւնն ալ կը կատարուէր միեւնոյն ատեն, եւ 1848-ին Եւրոպա կ՚ուղեւորէին յուսալից պատանիներ, Սարգիս Պալեան, Յովհաննէս Վահանեան, Աբեդիկ Նէվրուզեան, Գրիգոր Մոզեան, Միքայէլ եւ Թովմաս Խօրասանճեան, Յովհաննէս Թիւյսիւզեան, Խաչիկ Կիւմիւշեան եւ ուրիշներ: Մենք բաւ կը սեպենք այսչափ ինչ յիշել, ժամանակին վրայօք գաղափար մը տուած ըլլալու համար, իսկ լաւագոյն տեղեկութեանց հետամուտներ կրնար դիմել մասնագիտաբար այս նիւթերը մշակողներուն (01. ՕՐԱ. 224-234):

2635. ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ ՄԱՏԹԷՈՍ

Մատթէոս Չուխաճեան պատրիարքութենէ հրաժարելով Օրթաքէօյի մէջ ինքզինքը գրական աշխատութեանց նուիրեց, միանգամայն գիղին Խնդրակատար Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ քարոզչութիւնն ալ կատարելով: Գրական ասպարէզը օտար չէր Մատթէոսի, եւ յատկապէս կրօնական ճիւղը, որուն հետեւած էր իբրեւ ձեռնասուն Չամաշըրճեան Յովհաննէս պատրիարքի աշակերտին` Կաղզուանցի Զաքարիայի: Կանուխէն 1834-ին աշխատակցած էր Փէշտիմալճեան Գրիգոր պատուելիի Յայսմաւուրքի նոր հրատարակութեան 1842-ին հրատարակած էր Խորհրդածութիւնք շնորհաց եւ նշանաց գիրքը, եւ պատրիարքութեան ատեն պատրաստած էր Հանդիսարան ուղղափառութեան գործը, զոր հրաժարելէն ետքը հրատարակեց, եւ անկէ ետքը գրեց եւ տպեց Բարի մարդ եւ բարի քրիստոնեայ երկասիրութիւնը: Իբրեւ ուսումնական անձ Արմաշու վանահայր եւ միանգամայն Նիկոմիդիոյ առաջնորդ ընտրուեցաւ 1853 մայիս 11-ին, գլխաւորապէս վանական դպրոցը զարգացնելու նպատակով, այլ դժուարին պարագայք եւ իր ալ լուրջ գործունէութենէ հեռու մնալը եւ յաճախ բացակայութիւնը ապարդիւն թողուցին իր պաշտօնավարութիւնը, ուստի 1854 նոյեմբեր 9-ին կամովին հրաժարական տուաւ, որ դեկտեմբեր 14-ին ընդունուեցաւ (00. ՕՐԱ. 178), եւ նորէն Օրթաքէոյ քաշուեցաւ: Յաջորդ տարին 1855-ին Հոգեւոր ժողովին ատենապետ ընտուեցաւ (01. ՕՐԱ. 234), եւ հակառակ մեծ գործունէութիւն եւ յաջողութիւն ցուցած չըլլալուն, լաւ համբաւ եւ մեծ յարգանք վայելեց, որ զինքն մինչեւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան աթոռը բարձրացուց` Աշտարակեցիին մահուանէն ետքը, ինչպէս պիտի պատմենք իր կարգին: Իսկ հիմա դառնանք Յակոբոս պատրիարքի կամ լաւ եւս իր ժամանակի գործերը ամփոփել:

2636. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՏԷՐՈՅԵՆՑ

Մանաւոր եւ ցրիւ գործեր են աւելի մեր պատմելիքները, հետեւաբար դժուար պիտի ըլլար անոնք ժամանակագրական կարգով յառաջ բերել եւ պատշաճ կերպով ընդարձակել, ուստի գրեթէ ստիպեալ նիւթագրական կարգին պիտի հետեւինք, եւ այսպէս կը կոչենք նիւթերու նմանութեամբ եւ ոչ ժամանակներու յաջորդութեան հետեւողութեամբ պատմելու ոճը: Երբոր կաթոլիկութեան կազմակերպութիւնը եւ բողոքականութեան յաջողութիւնը ազգային շրջանակի մը մէջ կրօնական թուլութեան դուռերը կ՚ընդարձակէին, միւս կողմէն պահպանողական նախանձայուզութիւնը կը սաստկանար ուրիշ շրջանակի մը մէջ, եւ ամէն մանր միջադէպ ազգային խնդիրի երեւոյթ կը ստանար: Պահպանողական ուղղութեան հետեւող էին Մատթէոս եւ Յակոբոս պատրիարքները, եւ շուտով տեղի կուտային միտքերու բորբոքման: Իսկ պաշտօնական շրջանակէն դուրս այս տեսակ խնդիրներ հրահրող եւ վարդապետական տեսակէտէն ասպարէզ նետուողը Տէրոյենցն էր, բազմահմուտ կրօնագէտը, որուն անունը տուինք Իւսկիւտարի ճեմարանի անցքերը պատմած ատեննիս 2540, 2592): Տէրոյենցը իր կոչումներուն ամբողջութեամբ, Յովհաննէս Տէր-Կարապետեան Տէրոյենց Չամուռճեան Պրուսացի պատուելին, իրեն անխախտ սկզբունք ունէր հաւատարիմ մնալ ամէն մասամբ աւանդական ոգիին, դիմադրելով մէկ կողմէն ֆրանսական շատ արձակ գաղափարներուն, եւ միւս կողմէն բողոքականութեան նորսկիզբ յորձանքին (ՍՏՐ. 51): Բայց պէտք է աւելցնել թէ երբ բողոքական ազատամտութեան դէմ կը մաքառէր, յանզգաստս հռոմէական անձկամտութեան կը մօտենար: Ծնած էր 1801 օգոստոս 7-ին Պրուսա քաղաքը, եւ հոն հետեւած Պօղոս Գարագօչեանի վարժարանին, նոյն խստակրօն առաջնորդին աշակերտած, եւ մատենագրական եւ կրօնագիտական ուսմանց մէջ յառաջացած, որ սակայն զայն եկեղեցական կոչման չէր ընդունած իր դասակիցներուն` Ստեփան Աղաւնիի, Պետրոս Ծերօնեանի եւ Պօղոս Թաքթաքեանի հետ, չվստահելով անոր յամառ եւ ինքնահաւան բնաւորութեանը: Այսուհանդերձ Տէրոյենց ինքնօգնութեամբ ընդարձակեց իր լեզուական եւ հմտական շրջանակը, ուսուցչութեամբ պարապեցաւ Պրուսա, Արմաշ, Ատաբազար, Պանտրմա եւ 1828-ին Կ. Պոլիս անցաւ, եւ այնչափ հռչակ վայելեց, որ 1835-ին Իւսկիւտարի ճեմարանի բացման ատեն ազգային բարձրագոյն ուսումնարանին ուսումնապետ նշանակուեցաւ: Տէրոյենց ազգային պաշտօնական շրջանակներու մէջ գործ չունեցաւ, բայց ուսումնական եւ կրօնական եւ վիճաբանական շրջանակներու մէջ առաջնական դիրք գրաւեց եւ Մատթէոս պատրիարքէ բողոքականաց հետ վիճաբանութեան վարիչ եւ գլուխ նշանակուեցաւ 2589), եւ պապական նուիրակ Ֆէրրիէրիի հետ տեսակցութեանց ատեն միասին տարուեցաւ իբրեւ կրօնական հմտութեանց մասնագէտ 2597). ինչպէս իրօք ալ կը տեսնուի Ֆէրրիէրիի եւ Տէրոյնեցի վիճաբանական խօսակցութեանց պատմութենէն (ՊԷՐ. 230-247): Տէրոյնեց բոլոր կեանքը նուիրեց ճիւղին եւ իր ետեւէն թողուց բազմահատոր գրուածներ տպագիր եւ ձեռագիր ինչպէս Երեւակ պարբերականը եւ ընդարձակ ձեռագիր Եկեղեցական Պատմութիւնը, հռոմէական հեղինակներու հետեւողութեամբ կազմուած, եւ Գաթրճեան հայր Յովսէփի Հայոց Եկեղեցւոյն դէմ հրատարակութեան պատասխանը, Իրաւախոհ անունով 1868-ին հրատարակուած: Այս ուղղութեամբ անխոնջ աշխատեցաւ նա մինչեւ խորին ծերութիւն, զի 87 տարեկան վախճանեցաւ 1888 յուլիս 24-ին (ՍՐՏ. 54):

2637. ԵՐԿՈՒ ԳԻՐՔԵՐ

Այդ օրերը 1849-ին Նիկողայոս Զօրայեան տպագրութեամբ մէջտեղ հանեց Յիսուսի վարուց համառօտ պատմութիւն մակագրութեամբ գրքոյկ մը, որ էր Յիսուսի կեանքին եւ գործոց ամփոփում մը, իբր հասարակ անձի մը պատմութիւն գրուած, եւ աստուածային եւ գերբնական պարագաներէ թօթափուած, նմանողութեամբ Գերմանացի Շթրաւսի եւ Գաղղիացի Ռնանի հրատարակութեանց: Հրատարակութեան ճակատն ալ հրամանաւ Տէր Յակոբայ սրբազան պատրիարքի դրոշմուած էր, թէպէտ չենք կարծեր որ պատրիարքը գիրքին պարունակութիւնը հաստատել ուզած ըլլայ: Մատթէոս եկեղեցւոյ բեմէն այդ հրատարակութեան դէմ խօսեցաւ, նոյնիսկ վարք բառն ալ քննադատելով, թէ Յիսուսի չի կրնար պատշաճիլ: Ուրիշներ ալ ձայն բարձրացուցին, Տէրոյենց ալ գլուխնին: Խնդիրը մեծցաւ, յատուկ ժողով եւ քննութիւն բացուեցաւ, գիրքը արգիլուեցաւ, դպրոցներէ մերժուեցաւ, թէպէտ Զօրայեանի անձին դէմ ոեւէ որոշում չտրուեցաւ (01. ՕՐԱ. 236): Ուրիշ հրատարակութիւն մըն ալ բաւական աղմուկ հանեց 1853-ին, թէպէտ պարունակութիւնը կրօնական չէր, բայց իբր լեզուական հերետիկոսութիւն նկատուեցաւ: Հեղինակն էր Նահապետ Ռուսինեան բժիշկ եւ հրատարակութեան անունը Ուղղախօսութիւն, եւ իրեն աջակցած էին Տիմոթէոս վարդապետ Թնկրեան, Վենետիկի Մխիթարեաններէն, եւ Գրիգոր Օտեան բանասէր դիւանագէտ, բայց հրատարակութեան ճակատը միայն ուսումնական խորհրդակցութեամբ գրուած կար: Ուղղախոսութիւնը աշխարհաբար հայերէնի քերականութիւն մըն էր բոլորովին անկախ գործածական լեզուի կանոններէն, այլ կամայական կանոններով հոլովումներ եւ խոնարհումներ հաստատած, եւ բոլորովին նորալուր ձեւերով լեզու մը կազմած, այնպէս որ աւելի ճիշդ եղած կ՚ըլլայ նորախօսութիւն ըսել քան Ուղղախօսութիւն: Խնդիրը ուսումնական շրջանակէն պաշտօնականին անցաւ, զի Ռուսինեան ուսումնական խորհրդոյ անդամ էր, կը փափաքէր իր լեզուն վարժարաններուն մէջ մտցնել եւ տարածել: Պատրիարքարանը պարտաւորուեցաւ գործին միջամտել, յատուկ քննիչ յանձնաժողով մը կազմուեցաւ, որուն անդամ նշանակուեցան Նիկողայոս Պալեան, Խաչատուր Պարտիզպանեան, Կարապետ Իւթիւճեան, Գրիգոր Օտեան եւ նոյնինքն Նահապետ Ռուսինեան: Քանի մը նիստեր տեղի ունեցան, բարեփոխութեամբ քալեցնելու կերպեր փորձուեցան, բայց ոչ մի ձեւով գործնական ելք մը չգտնուեցաւ, եւ 1855 յունուար 25-ին պատրիարքարանի պաշտօնական յայտարարութեամբ Ուղղախօսութիւնը մերժուեցաւ եւ գործածութիւնը վարժարաններու արգիլուեցաւ (01. ՕՐԱ. 241): Իսկ Ռուսիանեանի համբաւը ասով չխախտուեցաւ, եւ ապագային մէջ ազգային գործիչներու շարքին միշտ առաջնակարգ նկատուեցաւ: Բնիկ Կեսարիոյ էֆքէրէ գիւղէն 1819-ին ծնած, 1831-ին Կ. Պոլիս եկած, 1841-ին Փարիզ գացած, բժշկական ուսմանց հետեւած եւ վկայուած, իբրեւ կարողագոյն ազգային գործիչ, պատուոյ դիրք մը վայելեց ազգին մէջ մինչեւ իր մահը 1876-ին (01. ՕՐԱ. 240)