2840.
ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ
ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ
Պատմական
եղելութեանց
անցուդարձերը
ամփոփ
տալու
համար
պարտաւորուած
ենք
անոնք
յառաջ
մղել
մինչեւ
որոշ
հանգրուան
մը,
ուստի
Կիլիկիոյ
խնդիրն
ալ
բաւական
յառաջ
տարած
եղանք,
այժմ
ետ
կը
դառնանք
Ներսէսի
պատրիարքութեան
ժամանակին
ուրիշ
գործերը
պատմել:
Ներսէս
հազիւ
աթոռի
վրայ
նստած`
իր
դիմաց
երկու
ծանր
դրամական
խնդիրներ
գտաւ,
որոնք
անմիջապէս
լուծում
կը
պահանջէին
գործոց
ընթացքը
չխանգարելու
համար:
Ասոնց
մէկն
էր
Խրիմեանի
դէմ
յուզուած
հաշուական
ամբաստանութիւնը
իբր
թէ
հանգանակութիւններէ
բան
մը
իւրացուցած
ըլլայ
եւ
իրաւունքէն
աւելի
գումար
գանձած
ըլլայ
սնտուկէն:
Ներսէսի
համար
ծանր
էր
Խրիմեանի
մասին
այդպիսի
կասկածի
ընթացք
տալ,
բայց
թուանշաններու
խնդիրներն
ալ
դիւրաւ
չէին
կրնար
մեկնութեանց
ենթարկուիլ:
Խրիմեան
ալ
վշտացած
լրագրական
յօդուածներ
կը
յաճախէր
իր
պաշտպանութեան
համար:
Հարկ
եղաւ
քննութիւնները
շտապեցնել,
եւ
յայտնուեցաւ
որ
Խրիմեանի
հանգանակութենէն
իւրովի
վճարուածներ
ունի,
բայց
իւրացուցած
չունի:
Իսկ
իրաւունքէն
աւելի
գումար
գանձած
ըլլալու
խօսքը
յառաջ
եկած
էր
պատրիարքական
ամսականի
հաշուէն
որ
10,
000
էր
եւ
վարչութիւնը
5,
000-ի
վերածած
էր,
զոր
Խրիմեան
չէր
ընդունած:
Ներսէս
յաջողեցաւ
վարչութիւնը
համոզել
թէ
անհնար
էր
Խրիմեանի
պատրիարքարանի
ծախքերով
մէկ
տեղ
5,
000-ով
բաւականանալ,
ուստի
10,
000-ի
դրութիւնը
ընդունել
տալով
այդ
խնդիրն
ալ
փակեց,
եւ
1874
հոկտեմբեր
26-ի
յայտարարական
նամակով
Խրիմեանի
դրամական
հաշիւներուն
կանոնաւոր
ըլլալը
հրատարակեց
(74.
ՄԱՍ.
1602),
եւ
որովհետեւ
այս
նամակին
ինչ
ինչ
բառերը
խծբծելով
ամբողջ
վարչութեան
իրեն
համամիտ
չըլլալը
զրուցուեցաւ,
նոյեմբեր
1-ին
երկրորդ
հրատարակութեամբ
բոլոր
վարչութեան
իրեն
համամիտ
ըլլալը
յայտարարեց
(74.
ՄԱՍ.
1605),
եւ
այսպէս
խնդիրը
փակուեցաւ:
Միւս
դրամական
խնդիրը
պատրիարքարանի
սնտուկին
մօտ
400,
000
դահեկանի
պարտքն
էր,
որ
դժուար
կ՚ըլլար
փոքր
հանգանակութիւններով
փակել,
զոր
Խրիմեան
ալ
շատ
աշխատութեամբ
չէր
կրցած
բոլորովին
վերջացնել:
Խոշոր
գումարով
մը
տագնապէն
ազատելու
կերպը
փորձեց
Ներսէս,
եւ
վարչութեան
ատենապետ
Սիմոն
Մաքսուտեանը
իրեն
աջակից
առնելով
երկու
մեծահարուստ
ազգայիններու,
խտիվական
ներկայացուցիչ
Երամեան
Աբրահամի
եւ
արքունի
ճարտարապետ
Պալեան
Սարգիսի,
դուռերը
բաղխեց,
եւ
վերջապէս
յաջողեցաւ
300,
000
դահեկանի
գումար
մը
ստանալ
միանուագ
(74.
ՄԱՍ.
1609),
եւ
անով
ազգային
պարտքի
մեծ
եւ
ստիպողական
մասերը
մաքրել,
եւ
մնացածին
համար
ալ
մասնաւոր
հանգանակութեանց
արդիւնքը
տրամադրել,
եւ
պատրիարքարանը
մեծ
հոգէ
մը
զերծուցանել:
Դրամական
խնդիրներ
ամէն
տեղ
եւ
ամէն
ատեն
աւելի
նշանակութիւն
ունեցած
են
կենցաղական
շրջանակի
մէջ,
եւ
Ներսէսի
այդ
յաջողութիւնը
աստիճան
մը
եւս
բարձրացուց
անոր
անունը,
միանգամայն
ազգային
ժողովին
կողմէ
երախտապարտ
շնորհակալութեան
առարկայ
եղան
Երամեան
եւ
Պալեան
նուիրատուները
(74.
ՄԱՍ.
1612):
2841.
ՎԵՐԱՔՆՆՈՒԹԵԱՆ
ՇՈՒՐՋԸ
Աղթամարի
եւ
Սիսի
խնդիրներէն
դուրս
գլխաւոր
կէտ
մը
չենք
գտներ,
որ
յատուկ
մտադրութիւն
հրաւիրէ
Ներսէսի
պատրիարքութեան
առաջին
տարիներուն
մէջ:
Վարչական
կազմակերպութիւնը
կայուն
ձեւ
մը
առած,
կարող
եւ
արթուն
անձ
մըն
ալ
անոր
գլուխն
անցած,
պարագայից
բերմամբ
յառաջ
եկած
գործերն
էին
որ
պաշտօնական
անձերու
եւ
մարմիններու
մտադրութիւնը
կը
գրաւէին,
եւ
անոնց
շուրջը
կը
դառնային
բոլոր
առօրեայ
զբաղումները:
Սահմանադրութեան
վերաքննութիւնը
1870-էն
ի
վեր
խնդրոյ
նիւթ
էր,
եւ
նոյնը
շարունակեց
ըլլալ
1874-էն
ետքն
ալ,
եւ
որովհետեւ
որոշման
մը
չյանգեցաւ
եւ
լրացած
գործողութիւն
չեղաւ,
աւելորդ
կը
սեպենք
այդ
մասին
յայտնուած
կարծիքները,
շարունակուած
վիճաբանութիւնները,
յղացուած
ծրագիրները,
եւ
դէմ
ընդդէմ
ներհակ
ուղղութիւնները
բացատրել:
Այդ
երկարաձգումները
այնպիսի
վարկպարազի
եւ
անկարեւոր
կէտերուն
շուրջը
կը
դառնային,
որ
կարծես
թէ
կամաւոր
դիտում
մը
կար
գործը
չվերջացնելու,
որպէս
ի
բացառիկ
նստաշրջանին
հիմը
կազմող
վերաքննութիւնը
օրակարգէն
չվերանայ,
որպէսզի
նստաշրջանն
ալ
շարունակէ.
իրօք
ալ
հետզհետէ
ունակական
եւ
օրինական
դարձաւ
մշտնջենաւոր
Ընդհանուր
ժողով
ունենալ,
որ
վերաքննութենէ
զատ
ուրիշ
ամէն
գործերով,
մինչեւ
իսկ
անհատական
եւ
պատահական
գործերով
սկսաւ
զբաղիլ,
եւ
իբրեւ
ազգային
վարչութեան
խորհրդարանական
ժողով
իրեն
հաստատուն
ներքին
կանոնագիր
ալ
կազմեց,
ատենապետութեան
եւ
ատենադպրութեան
երեքական
անձեր
ընտրեց
զիրար
փոխանակելու
համար,
ութը
ճիւղով
նախաքննիչ
դիւաններ
կազմեց,
ձեռնհասութեան,
իրաւասութեան,
նախաձեռնութեան,
դաստիարակութեան,
համարակալութեան,
յարաբերութեան,
կալուածական
եւ
խմբագրական
անուններու
ներքեւ.
ատենապետաց
դիւան
յորջորջմամբ
նոր
մարմին
մը
ստեղծեց,
իրեն
յատուկ
ելեւմտից
յանձնախումբ
մը
հաստատեց,
վերջապէս
եղաւ
տեւողական
տարր
մը
ազգային
վարչութեան
մէջ,
բուն
վարչութեան
եւ
անոր
նախագահին
ձեռքերը
կապող,
ժողովրդական
ցոյցեր
եւ
յուզումներ
իբրեւ
փաստ
գործածող,
եւ
լայն
ասպարէզ
բացող
ընդդիմադիրներու
խմբակին,
կամ
ժամանակին
գործածուած
ժողովրդական
լեզուով
Ղալաթիոյ
օճախին,
որ
վարչութիւնը
կաշկանդելու
եւ
պատրիարքը
խծբծելու
համար,
ոչ
միայն
եղելութեանց
եւ
գործառնութեանց,
այլ
եւ
բառերու
եւ
վանկերու
քննադատութեանց
կը
կառչէր:
Այդ
կացութեան
ոյժ
կու
տային
ժամանակին
լրագիրները,
որ
ամէն
գրիչ
բռնողին
արտագրած
երկարաձիգ
յօդուածները
սիրով
կը
հիւրընկալէին,
եւ
ներհակընդդէմ
վիճողներու
դիւրութիւն
կ՚ընծայէին:
Որ
այս
մարմաջով
սնած
անձերը
լռեցնելու
ազգային
վարչութիւնը
բաւական
ոյժ
չունենար
դիւրաւ
հասկանալի
կը
գտնենք.
բայց
որ
կառավարութիւնն
ալ,
իր
հաստատած
սահմանադրութեամբ
միայն
երկամեայ
պարբերութեամբ
եւ
երկամեայ
տեւողութեամբ
նիստեր
հաստատած
ըլլալով
մէկտեղ,
մշտատեւ
նիստերը
թոյլատրելը,
մեզի
անբացատրելի
կը
մնայ:
Եթէ
ազգային
եւ
պետական
շրջանակներու
մէջ
սահմանադրական
դրութիւնը
մեղադրողներ
երեւան
եկան,
մեր
տեսութեամբ
իրաւունք
չունէին
եւ
չունին
1863-ի
սահմանադրութիւնը
դատապարտել,
այլ
1870-էն
ետքը
տեղի
ունեցող
փոփոխութիւնը
դատափետել,
ոչ
իրաւապէս
այլ
իրապէս
գործադրուածը:
Այդ
նոր
դրութեան
հանդէպ
էր,
որ
Խրիմեան
անհանդուրժելի
կը
գտնէր
սահմանադրութիւնը,
որուն
վարժ
չէր,
իսկ
Վարժապետեան
որ
սկիզբէն
սահմանադրականներու
խումբին
հետ
ապրած
եւ
գործած
էր,
եւ
անոր
վարժութիւնն
ալ
ունէր,
չկրցաւ
քանի
տարիներէ
ի
վեր
արմատ
թողած
ձեւին
հակառակիլ,
զգաց
սակայն
յառաջ
եկած
անտեղութիւնները,
վերաքննութեան
գործը
մղեց
գուցէ
կարծելով
որ
երբ
այն
աւարտի
բացառիկ
նստաշրջանն
ալ
վերջանայ,
եւ
գործերը
իրենց
օրինական
պայմանին
դառնան,
երեսփոխանութիւնը
երկամեայ
պարբերութեամբ
երկամսեայ
տեւողութեան
վերադառնայ,
վարչութիւնն
ալ
ազատ
գործունէութեան
ասպարէզ
գտնայ,
որ
ի'նչպիսի
անձերէ
ալ
կազմուած
ըլլար,
ինքն
վստահ
էր
զայն
իր
ուղղութեամբը
վարելու:
Սակայն
այս
դիտումը
չիրականացաւ,
վերաքննութիւնը
չվերջացնողներ
զօրացան,
ինքն
ի
բնէ
նեղսիրտ,
հիւանդութեան
երեսէն
երկպատիկ
նեղսիրտ
դարձած,
գործոց
ընթացքով
եռապատիկ
սաստկացած,
յաճախ
հրաժարականներու
դիմելով
եւ
մերթընդմերթ
ներքին
զայրոյթը
պոռթկալով
ալ
չկրցաւ
իր
նպատակին
հասնիլ,
եւ
տաժանակիր
պաշտօնէութեան
մէջ
խոչընդոտներով
պաշարուեցաւ,
մեծ
ձիրքերու
տէր
ճանչցուեցաւ,
բայց
իր
մտադրած
մեծ
արդիւնքները
ամբողջապէս
իրականացնել
չկրցաւ:
2842.
ԻՆՉ
ԻՆՉ
ԵՂԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Այդ
ընդհանուր
տեսութեան
հետ
ինչ
ինչ
մասնաւոր
եղելութիւններ
յառաջ
բերած
ըլլալու
համար,
նախապէս
պիտի
յիշենք
Ներսէսի
ընտրութենէն
յետոյ
առաջին
ընտրուած
եւ
Խորէն
Նարպէյի
ատենապետութեամբ
կազմուած
կրօնական
ժողովը,
որ
բարեկարգութեան
բուռն
ձգտումներով
անհատնում
ծրագիրներ
եւ
հրահանգներ
եւ
շրջաբերականներ
կը
տարածէր,
որոնք
սակայն
տեւողական
արդիւնքներ
չէին
արտադրեր:
Նշանաւորագոյն
կը
գտնենք
եկեղեցական
աստիճաններու
հասնելու
համար
որոշ
պայմաններու
կանոնը,
որուն
մէջ
սարկաւագութեան
25,
քահանայութեան
30
եւ
եպիսկոպոսութեան
35
տարեկան
ըլլալը
նշանակուած
էր,
եւ
եպիսկոպոսացուաց
համար
միանգամայն
քանի
մը
տարի
յաջողակ
կերպով
առաջնորդութիւն
վարած
ըլլալ
կը
պահանջուէր
(74.
ՄԱՍ.
1610):
Այս
վերջին
պայմանը
յատկապէս
կը
դիտէր
օճախին
պետերէն
Իզմիրլեան
Մատթէոս
վարդապետը,
որ
տակաւին
29
տարեկան`
կերպով
մը
Պանտրմայի
ընտրութիւնը
ձեռք
ձգած
ըլլալով,
առանց
վիճակն
երթալու,
Էջմիածին
երթալու
համար
իր
խմբակը
շարժման
դրած
էր
(74.
ՄԱՍ.
1574),
բայց
երբ
չյաջողեցաւ,
առաջնորդութենէն
հրաժարեցաւ
(74.
ՄԱՍ.
1589),
եւ
լաւագոյն
սեպեց
կեդրոնին
մէջ
իր
ընթացքը
շարունակել:
Սակայն
այդ
կրօնակէն
քանիներ
հետզհետէ
օճախեանց
համակրիլ
կը
սկսէին,
իրենց
գլուխն
ունենալով
Ամբրոսիոս
Իսքէնտէրեան
եւ
Խորէն
Կիւրոյեան
վարդապետները,
ուսկից
կարծես
Ընդհանուր
ժողովն
ալ
ձանձրանալով
1876
յունիս
18-ին
նոր
կրօնականի
կազմութեան
առթիւ
12
հանդարտաբարոյ
քահանաներով
եւ
2
վարդապետներով
ժողով
մը
կ՚ընտրէր
(76.
ՄԱՍ.
1844),
որուն
հետեւանքը
կ՚ըլլար
ատենապետ
Խորէն
Մխիթարեան
վարդապետին
նոյեմբեր
6-ին
եպիսկոպոս
ձեռնադրուիլը,
գոնէ
ժողովական
եպիսկոպոս
մը
ունեցած
ըլլալու
համար:
Անկէ
քիչ
առաջ
Իզմիրլեան
վարդապետ
ի
շնորհուկս
Գէորգ
կաթողիկոսի
տեսութեանց
պաշտպան
կանգնելուն`
յատուկ
կերպով
Էջմիածին
կը
հրաւիրուէր,
եւ
առանց
ընծայական
վկայագիրի
կը
մեկնէր
(76.
ՄԱՍ.
1816),
եւ
1876
մայիս
13-ին
հապճեպ
կը
ձեռնադրուէր,
եւ
անմիջապէս
Կ.
Պոլիս
կը
դառնար
(76.
ՄԱՍ.
1827),
Գէորգի
անձն
ու
գործը
զօրաւորագոյն
կերպով
պաշտպանելու:
Դիտողութեան
նիւթ
եղաւ
յունիս
6-ի
առաջին
պատարագին
մէջ
Իւսկիւտարի
Ս.
Կարապետ
եկեղեցին
Իզմիրլեանի
անունը
քահանայապետ
տիտղոսով
յիշատակուիլը
(76.
ՄԱՍ.
1839),
որ
սակայն
չօգնեց
մօտ
օրէն
յունիս
18-ին
կազմուած
կրօնականին
մէջ
մտնելու:
Յիշեցինք
քանիցս
Ներսէսի
հիւանդութիւնը,
աւելցնենք
այդ
պատճառով
հրաժարիլն
ալ
լռելով
հակառակութիւններէ
նեղուիլը,
սակայն
վարչութիւն
եւ
երեսփոխանութիւն
չուզեցին
ընդունիլ,
եւ
1875
հոկտեմբեր
24-ին
արտօնեցին
քիչ
մը
ատեն
հանգիստ
քնել
եւ
տեղակալ
կամ
խորհրդական
նշանակել:
Ըստ
այսմ
տեղակալութեան
հետ
քաղաքականի
նախագահութիւնը
Սէֆէրեան
Սիմէոն
եպիսկոպոսի
եւ
կրօնականի
նախագահութիւնը
Նարպէյ
Խորէն
եպիսկոպոսի
յանձնեց
(75.
ՄԱՍ.
1770),
եւ
թէպէտ
օճախը
դժուարութիւններ
կը
հանէր
Սիմէոնի
մասին,
սակայն
Ներսէս
իր
անուանումը
չփոխեց:
Աւելի
մեծ
հակառակութիւն
կը
մղուէր
Մկրեան
Յովհաննէս
քահանայն
փոխանորդութենէ
հեռացնելու
նպատակով,
եւ
կերպկերպ
բարուրանքներ
ու
ամբաստանութիւններ
կը
յարուցանէին
անոր
դէմ.
սակայն
Մկրեանի
յատուկ
բացատրութիւնները
եւ
Ներսէսի
հաստատամտութիւնը
հակառակութիւնները
ցրեցին
(75.
ՄԱՍ.
1763),
եւ
Մկրեան
պաշտօնը
շարունակեց:
Գաւառաց
կացութիւնն
ալ
դարձեալ
ստիպեց
նորանոր
դիմումներ
ընել
կառավարութեան
(76.
ՄԱՍ.
1878),
նոր
յանձնաժողով
մըն
ալ
կազմել
(76.
ՄԱՍ.
1879)
եւ
հարստահարութեանց
երկրորդ
տեղեկագիր
մըն
ալ
պատրաստել
(§
2823),
որ
1876
սեպտեմբեր
29-ին
երեսփոխանութեան
հաղորդուեցաւ
(76.
ՄԱՍ.
1881),
եւ
ըստ
այնմ
դիմումները
նորոգուեցան.
բայց
հարկ
եղաւ
խստիւ
չպնդել,
զի
Զէյթունցոց
խլրտումը
(76.
ՄԱՍ.
1851)
եւ
Հայոց
հաւատարմութեան
մասին
տարածուած
կասկածները
ստիպած
էին
պատրիարքը
հաւատարմութեան
յորդորակներ
եւ
ազգային
ծանօթ
հաւատարմութիւնը
չստելու
ազդարարութիւններ
հրատարակել
1876
յուլիս
11-ին
(76.
ՄԱՍ.
1853):
Պատրիարքարանի
գործոց
մէջ
նորութիւն
մըն
ալ
եկեղեցական
համագումար
ժողովին
տեւական
ձեւ
մը
տալն
եղաւ,
մնայուն
դիւան
կազմելով
եւ
զայն
ալ
Իզմիրլեանի
յանձնելով
1876
հոկտեմբեր
7-ին:
Պահպանողական
գործիչները
համամիտ
չէին
այդ
մասին,
զի
համագումարը
պատահական
ժողով
մըն
էր
սահմանադրութեան
համեմատ,
սակայն
Ներսէսի
միտքն
էր
այս
միջոցով
եկեղեցական
ընդդիմադիրները
լռեցնել,
որոնց
կրօնական
ժողովէն
հեռու
մնալնին
ծանր
էր
եկած,
եւ
նորընտիր
կրօնականին
տկար
կազմութիւնը
կը
յեղյեղէին
(76.
ՄԱՍ.
1889):
Իբրեւ
նորութիւն
կրնանք
յիշել
նաեւ
արդիւնաւոր
քահանաներէն
ոմանց
մշտնջենաւոր
եւ
պատուակալ
աւագերիցութիւն
շնորհուիլը,
եւ
այս
պատիւը
առաջին
անգամ
տրուեցաւ
Յովհաննէս
Մկրեան,
Յովհաննէս
Հիւնքեարպէյէնտեան,
Սահակ
Տէր-Սարգիսեան,
եւ
օրացուցագիր
Երեմիա
քահանաներու
(76.
ՄԱՍ.
1829):
Մխիթարական
պարագայ
մըն
ալ
տուած
ըլլալու
համար`
յիշենք
Գարակէօզեան
Նազարէթ
եւ
Կարապետ
եւ
Գրիգոր
եւ
Յովսէփ
եւ
Տիգրան
եղբարց
իրենց
վաղամեռիկ
եղբօր
Բիւզանդի
ժառանգութիւնը
առեւտրական
վարժարանի
մը
յատկացնելու
կամքը,
որուն
վրայ
Ներսէս
բոլոր
պաշտօնական
ձեւակերպութիւնները
լրացնելով,
Թաքսիմի
դադարեալ
գերեզմաննոցին
մէջ
շինուելիք
վարժարանին
կայսերական
արտօնագիրն
ալ
ստացաւ.
բայց
Ներսէս
այդ
մխիթարութիւնն
ալ
չվայելեց,
զի
Կարապետի
1874
հոկտեմբեր
11-ին
վախճանելով
(74.
ՄԱՍ.
1595),
որ
գործին
հոգին
էր,
գործադրութիւնը
կը
յապաղէր
եւ
հետզհետէ
կը
խափանուէր
(75.
ՄԱՍ.
1690),
մինչեւ
որ
նորէն
ձեռք
առնուեցաւ
20
տարի
ետքը
Տիգրանի
կտակովը:
Այս
քանի
մը
կցկտուր
յիշատակներ
բաւական
ըլլան
Ներսէսի
պատրիարքութեան
առաջին
տարիները
պատկերացնելու
համար:
2843.
ՌՈՒՍՈՒԹՈՒՐՔ
ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ
Սովորական
եւ
գրեթէ
տաղտկալի
կացութիւն
կը
տիրէր
երբ
անակնկալ
պարագայ
մը
եկաւ
միտքերը
ցնցելու
եւ
կացութիւնը
յուզելու:
Թուրքիա
աղէտալի
պատերազմի
մը
տագնապներ
ունեցած
էր,
որուն
մանրամասնութիւնները
թէպէտ
մեր
պատմութեան
չեն
պատկանիր,
բայց
հակիրճ
ամփոփումը
կարեւոր
է
յետագայ
ըսելիքներնուս
իմացուածը
դիւրացնելու
համար:
Եւրոպական
Թուրքիոյ
ծայրի
նահանգները
Պոսնիա
եւ
Հերսէք
1875-ի
ամառուան
մէջ
յայտնի
ամբաստանութեան
դրօշը
պարզեցին,
եւ
շարժումը
շուտով
Պուլկարաց
ալ
փոխանցուեցաւ:
Ռուսիա
եւ
Գերմանիա
եւ
Աւստրիա
համաձայնեցան
օսմանեան
կառավարութեան
ինչ
ինչ
բարեկարգութիւններ
առաջարկել,
որպէսզի
շարժումին
առաջն
առնուի,
իսկ
Անգղիա
անոնց
չմիացաւ
եւ
ուզեց
Թուրքիոյ
թողուլ
պատշաճն
ընելու
որոշումը,
որուն
հետեւանքն
եղաւ
1876
մայիսին
Պուլկարիոյ
կոտորածը
(ԹՈՒ.
510):
Սուլտան
Ապտիւլազիզի
իշխանութիւնը
ամէն
կողմէ
քննադատուած
եւ
իրեններէն
ալ
անարգուած
մինչեւ
գահազրկութեան
հասաւ,
եւ
մայիս
18-ին
Հասան
Խայրուլլահ
մեծ
դենպետին
պատգամովը
որոշուեցաւ
եւ
նոյն
օր
գործադրուեցաւ
մեծ
եպարքոս
Միտհաթ
եւ
սպարապետ
Հիւսէյին
Ավնի
փաշաներուն
ձեռքով:
Ապտիւլմէճիտի
երէց
որդին
Մուրատ
Ե.
կայսր
հռչակուեցաւ
եւ
Ապտիւլազիզ
մայիս
24-ին
Թօփքաբուի
հին
պալատի
մէջ
անձնասպան
եղաւ
կամ
սպաննուեցաւ,
եւ
այս
առթիւ
անձնասպանուեցաւ
բառը
հնարուեցաւ:
Մուրատ,
մեղկ
կեանքով
սնած
մէկ
մը,
սկսաւ
ջղագար
եւ
մտագար
վիճակ
ցոյց
տալ
եւ
պաշտօնին
անկարող
դառնալ,
ուստի
նոյն
դենպետին
նոր
պատգամով
նա
ալ
գահազուրկ
եղաւ,
եւ
իր
եղբայրը
Ապտիւլհամիտ
Բ.
կայսր
հռչակուեցաւ
օգոստոս
19-ին:
Եւրոպա
ակնդէտ
կը
նայէր
Թուրքիոյ
ներքին
վիճակին
յուզումներուն
վրայ,
բայց
երբ
Ապտիւլհամիտի
իշխանութիւնը
կայուն
ձեւ
մը
առաւ`
վեց
պետութեանց
դեսպանախորհուրդ
մը
կազմուեցաւ
Կ.
Պոլսոյ
մէջ,
օսմանեան
կառավարութիւնն
ալ
մասնակցութեան
հրաւիրուեցաւ,
բայց
սա
վերջապէս
մերժեց
Պուլղարիոյ
եւ
Պոսնիոյ
եւ
Հերսէքի
համար
առաջարկուած
ծրագիրը,
եւ
խօսքի
տեղի
չթողլու
համար
Միտհաթ
արդէն
պատրաստ
ունեցած
սահմանադրութիւնը
կամ
հիմնական
կանոնագիրը
(
գանունի
էսասի
)
մէջտեղ
հանեց
եւ
կայսրն
ալ
դեկտեմբեր
11-ին
զայն
հանդիսապէս
հրատարակեց
թնդանօթի
101
հարուածներով
(76.
ՄԱՍ.
1917):
Օրինաւորութեանց
եւ
ազատութեանց
հիմնական
կանոններուն
հրատարակուելէն
ետքը,
այլեւս
մասնաւոր
բարեկարգութեանց
խնդիր
չէր
մնար
եւ
Թուրքիա
դեսպանախորհուրդէն
քաշուեցաւ:
Բայց
նոյն
չեղաւ
պետութեանց
համոզումը.
անոնք
իրենց
դեսպանախորհուրդը
շարունակեցին,
իրենց
պահանջները
չափաւորեցին,
եւ
Պուլղարիոյ
եւ
Պոսնիոյ
ու
Հերսէքի
կուսակալներուն
պետութեանց
հաւանութեամբ
ընտրութիւնը,
եւ
հիւպատոսական
յանձնաժողովի
մը
բարեկարգութեանց
գործադրութեան
վրայ
հսկողութիւնը
իբրեւ
վերջնագիր
առաջարկեցին,
որ
1877
յունուար
6-ին
240
ափյափոյ
գումարուած
պաշտօնակալաց
եւ
մեծամեծաց
ժողովին
կողմէ
մերժուեցաւ,
ուր
Մկրեան`
Ներսէս
պատրիարքը
եւ
Էնֆիէճեան`
Քիւբէլեան
պատրիարքը
կը
ներկայացնէին
եւ
յայտարարութիւններ
ալ
ըրին
(77.
ՄԱՍ.
1828):
Որոշումը
յունուար
7-ին
դեսպանախորհուրդին
անդամոց
հաղորդուեցաւ,
որոնք
8-ին
մեկնեցան,
բայց
յարաբերութիւնները
չխզուեցան:
Մարտ
19-ին
եւրոպական
տէրութիւնք
նոր
ծրագիր
մը
պատրաստեցին
եւ
կառավարութեան
առաջարկեցին,
որ
28-ին
միայն
ցաւ
յայտնեց
խորհրդակցութեան
չհրաւիրուելուն
համար,
զոր
Ռուսիա
յայտնի
մերժում
նկատեց,
եւ
ապրիլ
7-ին
միւս
պետութեանց
հաղորդեց,
եւ
Եւրոպիոյ
կամքը
գործադրել
տալը
վրան
առնելով
պատերազմի
սկսաւ
(ԹՈՒ.
515):
Ասիակողման
եւ
Եւրոպակողման
սահմանագլուխներէն
ներս
մտաւ,
այն
կողմէն
մինչեւ
Կարին
հասաւ,
այս
կողմէն
Բլէվնա
ամրոցը
եւ
Շիբկա
կիրճն
ալ
երկար
դիմադրութենէ
ետքը
տեղի
տուին,
նոյեմբեր
27-ին
Թուրքիա
զինադուլ
խնդրեց,
Ռուսիա
հաւանեցաւ
1878
յունուար
1-ին,
Կ.
Պոլսոյ
արուարձան
Այօսթէֆանօ
կամ
Սան
Սթէֆանօ
գիւղը
հասնելէն
ետքը,
բանակցութիւնները
ամիսուկէս
շարունակեցին
եւ
խաղաղութեան
դաշնագիրը
կնքուեցաւ
փետրուար
18-ին
կամ
նոր
տոմարով
մարտ
3-ին:
2844.
ՍԱՆ
ՍԹԷՖԱՆՈՅԻ
ՅՕԴՈՒԱԾԸ
Բանականութեանց
միջոցին
օսմանեան
հպատակ
ազգութեանց
մէջ
բախտաւորուելու
մեծ
շարժում
մը
կը
տեսնուէր:
Ռումանիա
եւ
Սերպիա
եւ
Չերնակորա
հարկատու
իշխանութիւններ`
անկախ
տէրութիւններ
կը
դառնային,
Պուլղարիա
ընդարձակ
սահմաններով
հարկատու
իշխանապետութեան
կը
վերածուէր,
Պոսնիա
եւ
Հերսէք
Աւստրիոյ
խնամակալութեան
կը
յանձնուէին,
Յունաստան
1877-ի
մասնաւոր
պատերազմէն
նպաստաւոր
պայմաններ
ստացած
էր,
Փարիզի
1856-ի
դաշնագիրին
հռչակած
օսմանեան
կայսրութեան
անկախութիւնն
ու
ամբողջութիւնը
իրապէս
խախտուած
էր
(ԹՈՒ.
517):
Հայն
ալ
նեղուած
եւ
հարստահարուած
տարր
մըն
էր
Թուրքիոյ
մէջ,
եւ
թերեւս
վերոյիշեալներէն
ալ
աւելի,
զի
Ասիոյ
խորը
անտէր
եւ
անտէրունչ
մնացած
էր,
քիւրդ
եւ
չէրքէզ
անզուսպ
եւ
հուղկահար
ցեղերէ
շրջապատուած,
եւ
ոչ-ընտրելագոյն
պաշտօնեաներով
կառավարուած:
Միթէ
հայն
ալ
արժանի
չէ՞ր
ընդհանուր
բարեկարգութեան
մասնակցիլ,
միթէ
հայուն
ալ
նոր
բարւոքումներէ
բաժին
հանել
արժան
չէ՞ր:
Ահա
մտածմունքը
որ
երկար
գիշերներ
Ներսէսի
միտքը
կը
տանջէր
եւ
քայլ
մը
առնելու
կը
մղէր:
Սովորաբար
ըսուած
է
Ներսէսի
իւրովի
եւ
այն
ալ
դաշնագիրին
ստորագրուելուն
նախընթաց
օրը
քայլը
առած
ըլլայ
(ԹՈՒ.
518),
սակայն
մեր
տեղեկութեամբ
խորհրդակիցներ
ունեցած
է,
նախապատրաստութիւններ
անտես
ըրած
չէ,
եւ
գործը
մինչեւ
վերջի
օրը
թողած
չէ:
Նիկողայոս
մեծ
դուքսը,
որ
ռուսական
բանակին
ընդհանուր
հրամանատարն
էր,
Սան
Սթէֆանօ
Տատեան
Առաքել
պէյի
տունը
կը
բնակէր
եւ
գերդաստանին
հետ
կը
տեսնուէր,
կոմս
Իկնաթիէվ
որ
բանակին
դիւանագէտ
մեծ
պաշտօնեայն
էր,
Կ.
Պոլսոյ
նախկին
դեսպանն
էր
եւ
Ներսէսի
եւ
Հայոց
լաւ
ծանօթ
էր:
Ներսէս
վերջապէս
ամէն
պատասխանատուութիւն
յանձն
առնելով
Սան
Սթէֆանօ
գնաց,
Իկնաթիէվը
տեսաւ,
Մեծ
դուքսին
ներկայացաւ,
հայուն
կացութիւնը
պարզեց
եւ
դարման
խնդրեց,
գոնէ
դաշնագիրին
մէջ
յիշատակութիւն
մըն
ալ
Հայոց
համար:
Առաջարկը
անտես
չեղաւ,
մանաւանդ
որ
հայաբնակ
գաւառներ
Ռուսիոյ
սահմանին
վրայ
էին,
եւ
Ռուսիոյ
նպաստաւոր
էր
անոնց
վրայ
ազդեցութիւն
ունենալ:
Այսպէս
կը
կազմուի
Սան
Սթէֆանօյի
դաշնագիրին
16-րդ
յօդուածը,
որուն
պահ
մը
կը
դիմադրեն
Թուրքիոյ
պատգամաւորները,
բայց
կը
պարտաւորին
տեղի
տալ
յաղթական
Ձարին
անուամբ
եղած
յայտարարութեան:
Յօդուածը
կ՚ըսէ.
որպէսզի
ռուսական
բանակին
Հայաստանի
մէջ
գրաւած
երկիրները
պարպելը
նոր
շփոթութեանց
առիթ
չտայ,
բարձրագոյն
դուռը
կը
խոստանայ
առանց
աւելի
յապաղման,
տեղական
պահանջներուն
հարկաւոր
ըրած
բարւոքումներն
ու
բարեկարգութիւնները
Հայոց
բնակած
գաւառներուն
մէջ
գործադրել,
եւ
երաշխաւորել
անոնց
ապահովութիւնը
Քիւրտերու
եւ
Չէրքէզներու
դէմ
(ԹՈՒ.
518):
Այդ
յօդուածով
Հայերը
յատուկ
եւ
որոշ
հովանաւորութեան
մը
ներքեւ
կը
մտնէին,
Հայաստան
երկիր
մը
պաշտօնապէս
կը
ճանչցուէր,
Հայոց
կացութիւնը
առաջին
անգամ
միջազգային
դաշնագիրներուն
մէջ
կը
մտնէր,
եւ
լռելեայն
ռուս
գունդերու
Հայաստանի
մէջ
ներկայութիւնը
կ՚ընդունուէր
մինչեւ
բարեկարգութեանց
իրականացումը:
Դաշնագիրը
1878
փետրուար
18/3
մարտին
Ռուսիոյ
եւ
Թուրքիոյ
կողմէն
կը
ստորագրուէր,
եւ
այն
որ
հայկական
խնդիր
մը
իրապէս
եւ
իրաւապէս
երեւան
կու
գար,
որ
այն
օրէն
մինչեւ
այսօր
ծեծուեցաւ
եւ
կը
ծեծուի`
քիչ
անգամ
յաջող
եւ
յաճախ
ձախող
պայմաններու
ներքեւ:
Խնդիրին
կազմուելուն
եթէ
խորհրդակիցներ
եւ
գործակիցներ
ալ
գտնուեցան,
ամէնն
ալ
խորհրդաւոր
գաղտնութեան
մէջ
թողուած
մնացին,
եւ
Ներսէս
անձնապէս
եւ
միայնակ
անոր
պատասխանատուն
կը
մնայ,
զոր
երբեմն
եւ
ոմանք
երկնաչափ
բարձրացուցին,
եւ
երբեմն
եւ
ոմանք
չարաչար
դատափետեցին:
Անաչառ
կարծիք
մը
յայտնելու
եւ
արդար
դատաստան
մը
ընելու
համար
պէտք
է
հիմնապէս
որոշել
այն
պայմաններն
ու
նպատակը,
որ
Ներսէսի
առաջարկին
եւ
անոր
նախնական
ձեւին
կը
պատկանին,
եւ
այն
պայմաններն
ու
նպատակները,
որոնք
հետզհետէ
խնդիրին
բարդուեցան
եւ
կերպարանափոխ
ըրին,
եւ
պէտք
չէ
Ներսէսը
պատասխանատու
ընել
այն
պարագաներուն,
որոնք
իրմէ
չբղխեցան,
եւ
իրմէ
ետքը
մէջտեղ
ելան:
Ներսէսի
խնդրածը
եւ
ստացածը
պարզ
ռուսական
հովանաւորութիւն
էր
հայաբնակ
արեւելեան
կուսակալութեանց
վրայ,
առանց
անջատելու
օսմանեան
տիրապետութենէն,
առանց
հեռացնելու
օսմանեան
կառավարութենէն
եւ
առանց
տարբերելու
օսմանեան
յարաբերութիւններէն:
Եթէ
այս
առաջարկով
ալ
օտար
պետութեան
մը
օսմանեան
պետութեան
վրայ
ազդեցութիւնը
ընդարձակելու
առիթ
կը
տրուէր,
այն
ոչ
միայն
շատ
անձուկ
սահմանի
մէջ
պարփակուած
բան
մըն
էր,
այլ
եւ
նորութիւն
մը
չէր
ժամանակին
ընդունուած
դրութեան
համեմատ,
զի
արդէն
պետական
գործառնութեանց
ամէն
ճիւղերուն
մէջ
օտար
ազդեցութիւն
իբրեւ
սովորական
եւ
ընկալեալ
պայման
ճանչցուած
էր,
եւ
երբեք
օսմանեան
ինքնակալութեան
համար
նոր
ծանրութիւն
եւ
անսովոր
հանգամանք
մը
չէր:
Հետեւաբար
ոչ
ազգային,
ոչ
պետական,
եւ
ոչ
դիւանագիտական
տեսակէտէն
մեղադրելի
կէտ
մը
չենք
կրնար
ծանրաբեռնել
Ներսէսի
վրայ,
եւ
եթէ
հայկական
խնդիրը
ձախող
հետեւանքներ
ալ
կրցաւ
ունենալ,
պատասխանատու
են
անոնք
որ
խնդիրին
կերպարանը
այլայլեցին
եւ
օտարոտի
պարագաներ
ներմուծեցին:
2845.
ՊԵՐԼԻՆ
ՅՕԴՈՒԱԾԸ
Առաջին
այլայլութիւնը
շատ
շուտ
եւ
միջազգային
քաղաքականութենէ
ծագում
առաւ:
Անգղիա
հաշտ
աչօք
չէր
դիտած
Ռուսիոյ
առանձնակի
եւ
ինքնիրեն
ձեռք
ձգած
յաջողութիւնը.
իրեն
համամիտ
կրցաւ
դարձնել
միւս
պետութիւններն
ալ.
առաջ
անգղիական
տորմիղը
Մարմարայի
ջուրերուն
մէջ
երեւցաւ
եւ
արգիլեց
ռուսական
բանակին
օսմանեան
մայրաքաղաքը
մտնելը,
եւ
յետոյ
դիւանագիտութիւնը
ստիպեց
Ռուսիան
որ
իր
կազմած
դաշնագիրը
վերաքննութեան
ենթարկէ
Եւրոպիոյ
մեծ
տէրութեանց
ներկայացուցիչներէն
կազմուած
վեհաժողովին
առջեւ,
որուն
տեղ
որոշուեցաւ
Գերմանիոյ
Պերլին
մայրաքաղաքը,
եւ
գահերէց
Պիզմարք
իշխանը,
եւ
բացուելու
օր
ալ
յունիս
1/13-ը:
Որոշումը
տրուելէն
մինչեւ
պայմանեալ
օրը
երկու
երեք
ամիսներու
միջոց
մը
կար
պատրաստութեան
համար,
եւ
Հայոց
պատրիարքն
ալ
որ
Սան
Սթէֆանօյի
դաշնագիրին
մէջ
որեւէ
մաս
մը
ունեցած
էր,
պէտք
էր
որ
նա
ալ
գործի
ձեռնարկէր,
որպէսզի
Սան
Սթէֆանօ
շահուածը
Պերլինի
վեհաժողովին
մէջ
չկորսուէր:
Նոր
գործունէութիւն
մը
բացուեցաւ
Ներսէսի
առջեւ,
եւ
այն
բազմակողմանի,
թէ
ազգային
շրջանակին
մէջ,
թէ
օսմանեան
կառավարութեան
հետ
եւ
թէ
մեծ
տէրութեանց
առջեւ:
Երբոր
ազգային
շրջանակին
մէջ
Սան
Սթէֆանօյի
դաշնագիրը
եւ
Հայոց
համար
յօդուածը
տեսնուեցաւ,
եւ
ծագման
պարագաները
լսուեցան,
սովորական
ընդդիմադիր
խմբակը
այս
անգամ
ալ
իր
խծբծանքները
չխնայեց,
թէ
պէտք
էր
որ
պատրիարքը
իր
առնելիք
քայլը
երեսփոխանութեան
ներկայէր
եւ
անոր
արտօնութեամբ
գործէր,
իբր
այն
թէ
օգտակար
ըլլար
այսպիսի
կողմնակի
եւ
փափուկ
ձեռնարկները
կանուխէն
հրատարակել
եւ
ձանձունել,
եւ
կասկածներ
եւ
արգելքներ
ստեղծելու
առիթ
ընծայել:
Օսմանեան
կառավարութեան
հանդէպ
ալ
պէտք
էր
նախապէս
միտքերը
շինել
եւ
հակառակութիւնները
հեռացնել
որ
նպատակին
արգելք
չյարուցանէր:
Իսկ
մեծ
պետութիւնները
պէտք
էր
լուսաբանել,
տեղեկացնել
եւ
շահագրգռել
Հայոց
պաշտպանութեան
ոյժ
տալու
համար:
Ազգային
շրջանակին
մէջ
Ներսէս
յաջողեցաւ
մեծամասնութեան
նպաստաւոր
ձայներով
փոքրամասնութեան
խծբծանքները
չափաւորել,
եւ
գրգռիչները
շահելով
արգելիչ
պարագաները
խափանել:
Կառավարութեան
առջեւ
անկեղծ
յայտարարութեամբ
եւ
համակրական
ցոյցերով
եւ
հաւատարմութեան
վկայութիւններով,
Ներսէս
ոչ
միայն
արդարացուց
իր
ընթացքը,
այլեւ
կառավարութեան
կողմէ
համամտութիւն
եւ
յորդոր
ալ
լսեց,
որպէսզի
Պերլինի
մէջ
ալ
իր
դիմումը
պաշտպանէ
յատուկ
ներկայացուցիչներու
ձեռքով,
եւ
մինչեւ
իսկ
իրեն
ծածկագիր
թղթակցութեան
եւ
հեռագիրի
ազատութիւն
տրուեցաւ:
Եւրոպական
պետութեանց
միտքերը
պատրաստելու
համար
անբաւական
նկատուեցաւ
Կ.
Պոլսոյ
դեսպանատուներուն
միջնորդութիւնը,
եւ
երկու
յատուկ
պատուիրակներ
յղուեցան
եւրոպական
մայրաքաղաքները,
Խորէն
Նարպէյ
Բեդրպուրկ
եւ
Մկրտիչ
Խրիմեան
Վիէննա
եւ
Փարիզ
եւ
Լոնտրա,
երկուքն
ալ
յետոյ
Պերլինի
մէջ
միանալու
համար:
Խրիմեանի
ընկեր
տրուեցաւ
Մինաս
Չերազ,
լեզուագէտ
եւ
եւրոպական
յարաբերութեանց
վարժ
անձ
մը,
որ
կրնար
այդ
մասին
Խրիմեանի
թերին
լրացնել,
իսկ
Նարպէյի
ընկեր
յղուեցաւ
Ստեփան
Փափազեան
իբր
ազգային
տեղեկութեանց
հմուտ
մէկ
մը,
որուն
Կ.
Պոլիսէ
հեռանալովը
ընդդիմադիրներու
ոյժն
ալ
կը
նուազէր,
ինչ
որ
կ՚իրականանար
նաեւ
Իզմիրլեան
եպիսկոպոսի
հեռանալովը,
որ
Էջմիածին
յղուեցաւ
Գէորգ
կաթողիկոսի
աջակցութիւնը
խնդրելու
ռուսական
կայսրութեան
առջեւ:
Միւս
կողմէն
կարեւոր
տեղեկագիրներ
կազմուեցան
հայաբնակ
գաւառներու
շրջանակը
ճշդելու,
հայաբնակութեան
կարեւորութիւնը
որոշուեցաւ,
տիրող
անպատեհութեանց
եւ
պահանջուած
կարգաւորութեանց
գլուխները
ցուցուեցան,
եւ
այս
ամէնքը
իբրեւ
անհրաժեշտ
վաւերաթուղթեր
Պերլին
յղուեցան,
որ
ներկայացուցիչներու
հաղորդուին
եւ
բերանացի
ալ
բացատրութիւններ
տրուին
եւ
նպաստաւոր
կերպով
լիազօրները
տրամադրուին,
եւ
մխիթարական
եղաւ
ըսել
թէ
այս
բանիս
մէջ
յաջողեցան
(ԹՈՒ.
528):
Սան
Սթէֆանօյի
16-րդ
յօդուածը
Պերլինի
դաշնագիրին
մէջ
իրաւ
չջնջուեցաւ,
բայց
61-րդ
յօդուածն
եղաւ,
եւ
ինչպէս
թուանշանները
շրջուեցան,
նոյնպէս
պարունակութիւնն
ալ
բաւական
փոփոխութիւններ
կրեց:
Հայաստան
բառը
վերցուեցաւ
եւ
միայն
հայաբնակ
գաւառներ
յիշուեցան,
ռուսական
խնամակալութեան
տեղ
վեց
տէրութեանց
հսկողութիւնը
դրուեցաւ,
ռուսական
գունդերու
երաշխաւոր
ներկայութեան
տեղ
ժամանակ
առ
ժամանակ
օսմանեան
կառավարութենէ
տրուելիք
ծանօթութիւնը
փոխանակուեցաւ,
Սան
Սթէֆանօյի
մէջ
խոստանայ
ըսուածը`
Պերլին
լոկ
յանձն
կ՚առնէ
եղաւ
(ԹՈՒ.
522):
Արդէն
դաշնագիրին
ուրիշ
կէտերն
ալ
ի
նպաստ
Թուրքիոյ
փոփոխուած
էին,
Պուլղարիան
ամէն
կողմերէ
յապաւուած,
Պուլղարիոյ
կէսը
Արեւելեան
Ռումելի
անունով
կուսակալութեան
վերածուած,
Պայազիտ
նահանգը
Թուրքիոյ
դարձուած,
Հայաստանի
բարեկարգութիւնը
առանց
հաստատուն
երաշխաւորութեան
թողուեցաւ:
Յունիս
1/13-ին
սկսած
Պերլինի
վեհաժողովը
յուլիս
1/13-ին
վերջացաւ:
Բայց
Անգղիա
վեհաժողովին
բացուելէն
առաջ
Ռուսիոյ
հետ
մայիս
18/30-ին
յատուկ
յիշատակագիր
փոխանակած
էր,
եւ
մայիս
23/4
յունիսին
Թուրքիոյ
հետ
Կիպրոսը
իւրացնելու
պայմանագիրը
կնքած
էր,
եւ
զարմանալու
չէր
որ
մինչեւ
վերջ
ի
նպաստ
Թուրքիոյ
բարձրացնէր
իր
ազդեցիկ
ձայնը,
մանաւանդ
որ
Գերմանիա
եւ
Աւստրիա
պատրաստ
էին
զօրաւոր
դրացի
Ռուսիան
տկարացնելու,
Իտալիա
դեռ
զօրաւոր
ձայն
չունէր,
եւ
Գաղղիա
տակաւին
բարձրացած
չէր
1870-ի
անկումէն:
2846.
ՅԱՐԱԿԻՑ
ԴԷՊՔԵՐ
Ներսէսի
կազմած
ծրագիրը
այսպէս
սկիզբէն
այլայլեցաւ
եւ
իր
նախնական
վիճակին
մէջ
չմնաց,
բայց
պատասխանատուն
ինքը
չէր:
Եթէ
Ներսէս
եւ
պատրիարքարան
եւ
հայութիւն
բոլոր
եւրոպական
տէրութեանց
դուռները
ափ
առնելու
սկսան,
եթէ
դիմումները
եւ
ջանքերը
տարածուեցան
եւ
ընդհանրացան,
այդ
Պերլինի
դաշնագիրին
յառաջ
բերած
փոփոխութեան
հետեւանքն
էր,
որպէսզի
հնար
ըլլայ
շարժել
անոնց
ամէնքը,
որ
հաւասարապէս
դաշնագիրին
գործադրութեան
հսկողութեան
դերն
առած
էին,
եւ
անոնք
իրարու
մօտեցնելով
արդիւնքի
մը
հասնիլ
կարելի
ըլլար:
Սակայն
գործ
մը
որ
որոշիչ
եւ
գործադրիչ
մէկու
մը
ձեռքէն
կ՚ելլայ,
եւ
շատերու
համերաշխութեան
եւ
գործակցութեան
կ՚ենթարկուի,
նովին
իսկ
անպայման
անորոշութեան
եւ
անիրականալի
գործադրութեան
մէջ
կ՚իյնայ:
Եւ
իրօք
այսպէս
եղաւ
իրաց
վիճակը,
1878-ին
տրուած
որոշումը
եւ
կնքուած
վերջնական
դաշնագիրին
յօդուածը
գրեթէ
մեռեալ
տառ
դարձաւ
Հայոց
նկատմամբ,
եւ
երկու
տարուան
ժամանակամիջոցն
անցաւ,
անզօր
պնդումներով
եւ
անգործ
խոստումներով:
Ներսէս
մէկ
կողմէն
յանձնառու
կառավարութեան
եւ
միւս
կողմէն
հսկող
պետութեանը
մօտ
թախանձանքները
շարունակեց,
որոնք
ուրիշ
արդիւնք
չունեցան,
բայց
եթէ
անգործ
քննիչներ
շրջեցնել
եւ
անհետեւանք
գիրեր
փոխանակել:
Սակայն
միւս
կողմէ
նոր
ոգեւորութիւն
մը
կարծես
արթնցած
էր
Հայերուս
մէջ,
եւ
ներքին
զարգացման
ջանքեր
իրարու
կը
յաջորդէին:
Գլխաւորապէս
մտադրութիւն
դարձուեցաւ
հայաբնակ
գաւառներուն,
որոնք
դաշնագիրներու
մէջ
յիշուած
էին,
որպէսզի
հնարաւորութեան
սահմանին
մէջ
ուսում
եւ
կրթութիւն
տարածուի
եւ
ակնկալեալ
բարիքներէն
օգտուելու
յարմարութիւն
ստեղծուի:
Արեւելեան
եւ
Դպրոցասիրաց
եւ
Արարատեան
եւ
Կիլիկեան
ընկերութիւններ
կազմուեցան
հետզհետէ,
ամէնքն
ալ
միեւնոյն
նպատակով,
գաւառներու
մէջ
վարժարաններ
բանալու,
որոնք
անօգուտ
մրցակցութիւնները
արգիլելու
համար
նախ
առաջին
երկուքը,
յետոյ
չորսը`
միանգամայն
ձուլուեցան
եւ
Միացեալ
Ընկերութիւնք
եղան:
Գաւառներու
մէջ
ալ
տեղական
ընկերութիւններ
կազմուեցան:
Իգական
սեռն
ալ
յորդորուեցաւ
եւ
Ազգանուէր
եւ
Դպրոցասէր
հայուհեաց
ընկերութիւններ
կազմուեցան,
Արհեստասիրաց
ընկերութիւն
մըն
ալ
երկրագործութիւն
եւ
արհեստներ
քաջալերելու
զբաղեցաւ,
մէկ
խօսքով
ամէն
կողմէ
եռանդ
եւ
շարժում
կ՚երեւէր
ուղիղ
եւ
օրինաւոր
միջոցներով
Հայուն
վիճակին
բարւոքումը
եւ
հայաբնակ
գաւառներու
բարեկարգութիւնը
պատրաստելու:
Ներսէսին
գործը
այդ
ճիգերուն
ոյժ
տալն
եղաւ,
աշխատողները
քաջալերել,
նուիրատուները
յորդորել,
դիմումները
անպակաս
ընել,
եւ
խծբծողները
ճարտար
կերպերով
լռեցնել:
Զարգացման
ձեռնարկներուն
հետ
կարօտութեանց
հոգածութեան
պէտքն
ալ
ծագեցաւ:
Պատերազմէն
առաջ
Փոքր
Ասիոյ
նահանգները
սովի
վտանգներուն
ենթարկուած
էին,
պատերազմէն
ետքը
աղէտից
թատր
եղան
ներքսագոյն
գաւառներ:
Ներսէս
անոնց
ալ
ասոնց
ալ
նպաստող
յանձնաժողովներ
կազմեց
կարող
եւ
անձնուէր
անձերով,
ամէն
տեսակ
պաշտպանութիւն
եւ
ձեռնտուութիւն
առատացուց,
ինքն
ալ
անոնց
հետ
աշխատեցաւ:
Մեծապէս
արդիւնաւոր
եղաւ
Փոքր
Ասիոյ
համար
աշխատող
յանձնաժողովը,
բայց
աւելի
նախախնամական
դեր
վարեց
Հայաստանի
Սովելոց
Յանձնաժողովը,
որուն
վրայ
առանձինն
պիտի
խօսինք:
Այդ
աշխատութեանց
եւ
ջանքերու
մէջ
Ներսէսի
հիւանդութիւնն
ալ
կը
զայրանար,
ոչ
միայն
չէր
կրնար
այն
կանոնաւոր
եւ
ախտախնամ
կեանքը
վարել,
որով
պատրիարքութենէ
առաջ
ինքզինքը
կը
դարմանէր,
այլեւ
սրտնեղութեան
առիթներ,
որուն
ինքն
ենթակայ
էր
եւ
զոր
իրմէ
չէին
խնայեր
ընդդիմադիր
խմբակներ,
զինքն
հետզհետէ
կը
հալէր
ու
կը
մաշէր,
եւ
կամ
գործէն
ազատելու
կամ
հակառակութիւնները
չափաւորելու
համար
ստէպ
հրաժարականներու
կը
դիմէր,
որուն
սակայն
դէմ
կ՚ելլար
մեծասնութիւնը
եւ
իրեն
գործակից
խումբը,
եւ
կը
պարտաւորուէր
նորէն
նեղութեանց
լուծին
դառնալ:
Նկատելի
էր
եւ
անբացատրելի
կ՚երեւար
որ
նոյն
իսկ
կայսրը,
որ
աւելի
իրմէ
ցաւած
ըլլալ
կ՚ենթադրուէր,
Սան
Սթէֆանօյի
եւ
Պերլինի
մէջ
ունեցած
ընթացքովը,
ոչ
մէկ
կերպով
յանձն
կ՚առնուր
անոր
հեռանալը,
եւ
չէր
ներեր
որ
գործէ
եւ
աթոռէ
քաշուի,
եւ
այս
բաւական
էր
խծբծողները
լռեցնելու,
որոնք
Ներսէսի
անունը
աղարտելու
կ՚աշխատէին,
սակայն
շուտ
կը
ցրուէին
իրենց
բարուրանքները,
զի
ակնյայտնի
եւ
հրապարակային
էին
ազգային
շահերու
համար
Ներսէսի
կատարած
ձեռնարկները,
համարձակ
յայտարարութիւնները,
ազատ
դիմումները,
եւ
անպայման
գանգատագիրները,
որով
հանրութեան
կարծիքը
ոչ
երբեք
կասեցաւ
Ներսէսի
միտքին
վրայ
տիրող
անկեղծ
ազգասիրութեան
եւ
կատարեալ
ժողովրդասիրութեան
վրայ
վստահիլ:
Եթէ
կրցաւ
Ներսէս
բոլոր
իր
ազատ
գործերով
Ապտիւլհամիտ
կայսեր
վստահութիւնը
վայելել,
այն
իր
անկեղծութեան
եւ
խոհականութեան
արգասիքն
էր,
զի
անկեղծութիւնը
վստահութիւն
կը
ներշնչէ
թէ
այն
անձը
գաղտնի
խաղեր
չունի,
եւ
խոհականութիւնը
կ՚ապահովցնէ
թէ
անպէտ
եւ
յախուռն
միջոցներու
մօտեցող
չէ:
Այդ
ընդհանուր
գիծերով
կազմուած
ուրագիծը
բաւական
ըլլայ
1878
տարւոյ
ձեռնարկը
պատկերացնելու,
եւ
հայկական
խնդիրին
ծագումը
ցուցնելու:
2847.
ՀԱԿԱՀԱՍՈՒՆԵԱՆՑ
ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ
Հակահասունեանց
տկարանալը
յիշած
ենք
(§
2835),
իսկ
պատճառներէն
մէկն
ալ
նոյն
ինքն
պատրիարք
ընտրուած
Յովհան
Քիւբէլեանի
անձն
էր:
Էնֆիէճեան
զայն
յառաջ
յառաջ
քշած
եւ
ընտրութիւնը
յաջողցնելու
աշխատած
էր`
ձեռքին
տակ
հլու
հպատակ
պատրիարք
մը
ունենալու
համար,
որ
նա
անունը
պահէ
եւ
ինքը
գործը
վարէ.
սակայն
Յովհան
Քիւբէլեան
այդչափի
ալ
բաւական
չեղաւ,
զի
նորա
անհաստատ
բնաւորութիւնը,
փոքրոգի
նկարագիրը,
գուցէ
եւս
սիրտին
մէջ
պահուած
խղճահար
կաթոլիկութիւնը
գայթի-գայթի
ուղղութիւն
մը
տուած
էին
իր
անձին,
եւ
մինչեւ
իսկ
իր
պաշտօնին
դիրքը
պաշտպանելու
կը
տկարանար,
այնչափ
որ
Էնֆիյէճեան
ինքը
նախաձեռնարկ
եղաւ
զայն
պահ
մը
Կ.
Պոլիսէ
հեռացնելու,
եւ
իր
հայրենիքն
ու
եպիսկոպոսական
վիճակն
եղող
Տիարպէքիր
յղելու:
Տեղապահութիւնը
յանձնուեցաւ
նոր
եպիսկոպոսներէն
Մովսէս
Ամպէրպօյեանի,
այն
ալ
տկար
անձնաւորութիւն
մը,
բայց
ուղղամիտ
եւ
համեստ,
որ
սիրով
ուրիշի
կը
թողուր
պատրիարքարանի
գործերուն
առաջնորդել,
եւ
այդչափը
կը
բաւէր
որ
Էնֆիյէճեան
յառաջ
անցնէր
եւ
Գազանճեանի
եւ
Անտոնեանց
ասպարէզ
չտրուէր
հակահասունեան
հասարակութեան
վրայ
իշխելու,
թէպէտ
բաւական
չէր
անոնց
ազդեցութիւնը
ջնջելու,
որով
միշտ
մրցակցութիւնը
կը
տիրէր,
եւ
հակահասունեանց
ներքին
ոյժը
կը
քայքայուէր:
Յովհան
Քիւբէլեանի
Տիարպէքիրէն
դառնալէն
ետքն
ալ
իր
անձը,
եւս
քանզեւս
կասկածելի
կը
տեսնուէր
հանրութեան
աչքին,
եւ
զինքն
պաշտօնէն
ալ
հեռացնելու
ձեռնարկներն
սկսան,
եւ
մինչեւ
իսկ
1876
յունիս
24-ին
Արեւելեաց
ընդհանուր
ժողովը
զայն
պաշտօնանկ
հռչակելու
հասաւ,
տեղապահ
նշանակելով
Օրմանեան
Մաղաքիա
վարդապետը,
որ
նոր
դարձած
էր
Հռոմէ,
ինչպէս
պիտի
տեսնենք:
Սակայն
միեւնոյն
Հասունն
ալ
իր
աքսորէն
կը
դառնար,
օգտուելով
Մուրատ
Ե.
կայսեր
գահակալութեան
առթիւ
շնորհուած
ընդհանուր
ներումէն.
ուստի
հարկ
եղաւ
իսկոյն
ներքին
պայքարները
լռեցնել,
եւ
մեծ
հակառակորդին
ներկայութեան
դէմ
պատրաստուիլ,
որով
Քիւբէլեանի
դէմ
եղող
շարժումն
ալ
լռեց,
բայց
կացութիւնը
հիմնապէս
չբարւոքուեցաւ:
2848.
ԱՆՏՈՆԵԱՆՑ
ԳՈՐԾԵՐ
Երբոր
Անտոնեանք
պարտաւորուեցան
Հռոմը
թողուլ
(§
2832),
Իտալացի
բարեկամի
մը
յանձնեցին
իրենց
վանքին
ու
գոյից
պահպանութիւնը
եւ
պապական
տէրութեան
դէմ
պաշտպանութիւնը,
սակայն
երկար
չտեւեց
այդ
վիճակը:
Շուտով
սկսան
քաղաքական
շփոթները
Գաղղիոյ
եւ
Բրուսիոյ
պատերազմին
պատճառով,
եւ
Գաղղիացւոց
պարտութիւնը
ստիպեց
զիրենք
պապին
պաշտպանութենէ
ձեռնթափ
ըլլալ,
եւ
իտալական
բանակը
յառաջ
քալեց,
եւ
1870
սեպտեմբեր
8/20-ին
Հռոմը
գրաւեց,
զոր
մայրաքաղաք
հռչակած
էր,
եւ
պապական
իշխանութիւնը
Վատիկանի
պալատին
շրջափակին
մէջ
ամփոփուեցաւ:
Անտոնեանք
պատեհութենէն
օգտուեցան
իրենցմէ
ներկայացուցիչ
ու
գործակատար
մը
յղել
Հռոմ
որ
վանքին
եւ
գոյից
տիրանայ,
եւ
նոյն
իսկ
իտալական
տէրութեան
առջեւն
ալ
պէտք
եղածը
գործէ,
եւ
իրենց
սեփականութիւնը
պաշտպանէ,
եւ
եկեղեցական
ու
վանական
ստացութեանց
գրաւման
օրէնքէն
ազատէ:
Այդ
պաշտօնին
ընտրուեցաւ
Մաղաքիա
վարդապետ
Օրմանեան,
միաբանութեան
եւ
ազգապետութեան
կողմէն
լիազոր
փոխանորդութեամբ,
եւ
Կ.
Պոլիսէ
մեկնեցաւ
1871
ապրիլ
24-ին
եւ
Հռոմ
հասաւ
ապրիլ
29/11
մայիսին,
ոչ
միայն
վանական
գոյից
տիրացաւ,
այլ
եւ
հետզհետէ
հասոյթները
գանձեց,
պարտքերը
վճարեց,
վանքն
ալ
տպարանի
վարձեց.
զի
միաբանութիւնը
Հռոմ
դառնալու
գաղափարը
թողուց,
քանի
որ
եկեղեցականապէս
բանադրեալ
պիտի
նկատուէր,
եւ
ազգայնապէս
հասարակութիւն
չունէր:
Այդ
պատճառով
բոլոր
շարժական
գոյքեր,
մատենադարան,
թղթից
դարան
կամ
դիւան,
եկեղեցական
սպասք
եւ
զգեստք
եւ
արժէքաւոր
պատկերներ
եւ
իրեր
հետզհետէ
Կ.
Պոլիս
յղուեցան:
Օրմանեան
Լիբանանի
կաթողիկոսարանի
անունին
եղող
հասոյթներուն
պաշտպանութիւնն
ալ
ըրաւ,
եւ
երկար
բանակցութեամբ
եւ
պատճառաբանեալ
գրութեամբ
Անտոնեանց
վանքը
իբրեւ
սեփական
դրամով
գնուած
օտարահպատակ
ստացութիւն
(§
2065)
գրաւումէ
ազատեց,
եւ
դատեր
ալ
վարեց
պապական
տեսակէտով
Անտոնեանց
իրաւունքները
մերժողներուն
դէմ:
Անոնց
հետ
գործողութեանց
ուրիշ
ճիւղ
մըն
ալ
կար
Օրմանեանի
առջեւ,
հետեւիլ
Վատիկանի
եւ
փրոփականտայի
մէջ
հակահասունեանց
մասին
կատարուած
գործողութեանց,
լուսաբանել
եւ
տեղեկացնել
Կ.
Պոլսոյ
գործիչները,
եւ
լատին
տարրին
միտքը
պատրաստելու
համար
թէ
լրագիրներու
եւ
հանդէսներու
մէջ
եւ
թէ
առանձինն
տետրակներով
հրատարակութիւններ
ընել,
որ
իրեն
շարունակեալ
աշխատութիւն
մը
եղաւ:
Օրմանեան
1871-է
1876
Հռոմ
մնաց
այդ
գործերը
վարելու
համար,
1875-ին
ուղեղային
թաղանթատապի
մահացու
հիւանդութիւն
մըն
ալ
անցուց,
բժշկապետներն
իսկ
անյոյս
ձգելու
աստիճան,
եւ
օդափոխութեան
համար
եւրոպական
ուղեւորութիւն
մը
կատարած
ատեն,
Վիէննայի
մէջ
Հասունի
կողմէն
անձամբ
շռայլուած
հրապոյրներուն
ալ
դիմադրեց,
եւ
երբոր
միաբանութիւնը
որոշեց
վանքն
ալ
վաճառել
եւ
բոլորովին
Հռոմի
հետ
յարաբերութիւնները
խզել,
այն
ալ
լրացուց
1876
ապրիլ
6/18-ին
եւ
ապրիլ
30-ին
Հռոմէ
մեկնեցաւ
եւ
մայիս
7-ին
Կ.
Պոլիս
հասաւ,
եւ
նոր
կերպարան
առին
Անտոնեանց
գործերը:
Շփոթ
եւ
ցրուած
ժամանակներու
մէջ
Գազանճեան
ազատաբար
վարած
էր
միաբանութեան
ելեւմտական
գործերը,
փոխառութիւններ
կատարած,
պարտքեր
ըրած,
ծախքերը
շատցուցած`
իրեններուն
հետ
ապրելով
եւ
ամէն
կերպ
գործողութեանց
միջամտելով,
որով
միաբանական
սնտուկին
վրայ
մեծ
պահանջ
մը
կը
ցուցնէր,
եւ
Հռոմի
վանքին
գինը,
զոր
Օրմանեան
միասին
բերած
էր,
իր
պահանջին
յատկացնել
կ՚ուզէր:
Բայց
կանոնաւոր
հաշիւ
չկար,
միաբանութիւնը
ուզեց
նախապէս
զայն
կազմել,
եւ
միաձայնութեամբ
այդ
գործն
ալ
Օրմանեանի
յանձնուեցաւ,
որուն
արդիւնքն
եղաւ
Գազանճեանի
ոչ
թէ
պահանջող
այլ
պարտական
ըլլալը:
Այս
պատճառով
ստիպուեցաւ
աբբահայրութենէ
հրաժարիլ,
եւ
սեպտեմբեր
1-ին
գումարուած
ժողովը
աբբահայր
ընտրեց
Ռափայէլ
Միասէրեան
վարդապետը,
Օրմանեանն
ալ
խորհրդականաց
ժողովին
անդամ
եւ
ելեւմտից
ընդհանուր
տեսուչ
ընտրուեցաւ:
2849.
ՄԱՂԱՔԻԱ
ՕՐՄԱՆԵԱՆ
Մինչեւ
հիմա
արեւելեան
կաթոլիկ
հասարակութեան
եւ
Անտոնեան
միաբանութեան
գործերուն
մէջ
յիշեցինք
Մաղաքիա
Օրմանեան
վարդապետին
անունը,
բայց
նա
հայ
ազգութեան
հետ
ալ
յարաբերութեան
կը
մտնէր
նոյն
միջոցին,
եւ
1877
փետրուար
11-ին
Մկրեան
Յովհաննէս
փոխանորդի
առաջնորդութեամբ
Ներսէս
պատրիարքի
կը
ներկայանար,
եւ
Հայոց
պատրիարքարանի
իրաւասութեան
եւ
Հայ
եկեղեցւոյ
անդամակցութեան
անցնելու
խնդրանքը
կը
մատուցանէր:
Ուստի
ի
դէպ
կը
կարծենք
անոր
նախընթացին
վրայ
տեղեկութիւններ
աւելցնել
այստեղ,
մանաւանդ
որ
զայն
ապագային
ալ
ազգային
գործունէութեանց
մասնակից
եւ
գործակից
պիտի
տեսնենք:
Օրմանեանի
եւ
պատմութեանս
հեղինակին
սերտ
առնչութիւնը
կամ
նոյնութիւնը,
թող
իբր
չքմեղանք
համարուի,
եթէ
անոր
մասին
քիչ
մը
աւելի
երկարած
երեւնանք:
Մաղաքիա,
աւազանի
անունով
Պօղոս,
Օրմանեանի
Անտոնի
եւ
Միասէրեան
Եղիսաբեթի
որդի,
ծնած
է
Կ.
Պոլսոյ
Բերա
թաղը
1841
փետրուար
11-ին,
որով
օրըօրին
36
տարեկան
էր
Ներսէս
պատրիարքի
ներկայացած
օրը:
Օրմանեան
մականունը
ծագած
է
իր
մեծ
պապին
հայադաւան
Յովհաննէսի
Դանուբեան
նահանգի
Տէլիօրման
գաւառին
բնիկը
ըլլալէն:
Զինուորագրեալ
Յովհաննէսին
տակաւին
նոր
փեսայ`
Ռոտոսթոյի
մէջ
սպանուելուն
վրայ,
յղի
այրին
Կ.
Պոլիս
կու
գայ
եւ
պատահաբար
հռոմէադաւան
տուն
մը
կը
պատսպարուի,
ուր
կը
ծնի
Աստուածատուր
որդին,
որով
հռոմէադաւան
կը
սնուցուի,
նոյնպէս
կ՚ըլլան
անոր
Յովհաննէս
եւ
Անտոն
եւ
Միքայէլ
որդիները,
հետեւաբար
Պօղոս
թոռն
ալ,
որ
հազիւ
տասը
տարին
լրացուցած
Նահապետեան
Եղիա
վարդապետի
թելադրութեամբ
1851
մայիս
13-ին
Հռոմ
կը
ղրկուի
Անտոնեանց
վանքին
(§
2065)
աշակերտութեան:
Հոն
նախակրթական
եւ
երկրորդական
ընթացքը
կը
լրացնէ,
1855
դեկտեմբեր
25-ին
ընծայացու
կ՚օրհնուի
Մաղաքիա
անունով
իր
հօր
հովանաւորին
եւ
իր
կնքահօր
Փափազեան
Մաղաքիայի
յիշատակին,
եւ
1858
յունուար
12-ին
կրօնաւորական
ուխտադրութեամբ
Անտոնեան
միաբան
կ՚օրհնուի:
Այնուհետեւ
բարձրագոյն
ուսմանց
համար
կը
սկսի
յաճախել
հռոմէական
կղերին
եկեղեցական
համալսարանը,
ուր
տարեկան
քննութեանց
մրցակիցները
շահելէ
զատ`
երկամեայ
ընթացքով
իմաստասիրութեան
մագիստրոսի
աստիճանը
կ՚ընդունի
1860
օգոստոս
31/12
սեպտեմբերին,
եւ
քառամեայ
ընթացքով
աստուածաբանութեան
մագիստրոսի
աստիճանն
ալ
կը
ստանայ
1865
օգոստոս
24/3
սեպտեմբերին:
Այդ
վերջին
աստիճանին
մեծ
քննութիւնը
հրապարակային
եւ
պապական
հանդիսադրութեամբ
կը
կատարուի
մայիս
27/6
յունիսին,
որ
բացառաբար
եւ
ցանցառակի
կարողագոյններու
կատարած
ձեւն
է,
իսկ
արեւելցի
ուսանողաց
մէջէն
նախընթաց
չունէր:
Ուսանողական
ընթացքին
հետ
միաժամանակ
Անտոնեանց
վանքի
մէջ
1859
հոկտեմբեր
5-էն
սկսեալ
կրտսեր
դասարանին
կառավարչութեան,
1860
հոկտեմբեր
28-էն
ուսուցչութեան,
եւ
1862
դեկտեմբերէն
վանական
մատենադարանապետութեան
պաշտօններն
ալ
կը
վարէր:
Իսկ
1863
օգոստոս
12/24-ին
քահանայական
աստիճան
կը
ստանար
Հիւրմիւզեան
Եդուարդ
արքեպիսկոպոսի
ձեռնադրութեամբ,
եւ
1865
յունիս
22/4
յուլիսին
Հռոմայ
աստուածաբանական
ակադեմիային
կ՚ընդունուի,
եւ
նոյն
տարւոյ
հոկտեմբեր
28/9
նոյեմբերին
փրոփականտայի
վարժարանին
հայերէնի
ուսուցիչ
կը
մտնէ:
Եկեղեցական
իրաւագիտութեան
ընթացքը
ընդհատելով
Կ.
Պոլիս
կու
գայ
1866
փետրուար
5-ին,
15
տարուան
բացակայութենէ
ետքը,
եւ
իր
Գազանճեան
աբբահօր
քարտուղար
կը
մասնակցի
Կ.
Պոլսոյ
մէջ
յուզուած
կաթոլիկ
աթոռներու
եւ
միաբանութեանց
եւ
յատկապէս
Անտոնեանց
խնդիրներուն
(§
2782-2783),
եւ
1867
սեպտեմբեր
20-ին,
Կ.
Պոլիսէ
կը
մեկնի
հռոմէական
ատեանին
առջեւ
վարուելու
դատին
առթիւ,
որուն
մէջ
գործօն
դեր
կը
վարէ
(§
2783):
Սոյն
միջոցին
եկեղեցական
իրաւագիտութեան
ընթացքն
ալ
աւարտելով
այդ
երրորդ
ճիւղին
մագիստրոսութեան
աստիճանն
ալ
կը
ստանայ
1868
օգոստոս
20/1
սեպտեմբերին,
եւ
օգոստոս
23/4
սեպտեմբերին
հրապարակային
քննութեամբ
աստուածաբանական
ակադեմիայի
կաճառորդի
աստիճանին
կը
բարձրանայ:
Նոյն
տարին
Կ.
Պոլիս
կը
դառնայ
հոկտեմբեր
25-ին,
եւ
կ՚աշխատակցի
կաթոլիկ
սիւնհոդոսին
նախապատրաստութեան
համար
կազմուած
բոլոր
յանձնաժողովներուն:
Սիւնհոդոսի
մէջ
խորհրդական
աստուածաբանի
եւ
խմբագիր
քարտուղարի
պաշտօնները
միանգամայն
կը
վարէ
(§
2786),
եւ
վատիկանեան
ժողովին
առթիւ
1869
նոյեմբեր
6/18-ին
Հռոմ
դառնալով
հայազգի
եպիսկոպոսաց
խորհրդական
աստուածաբան
կը
նշանակուի:
Հակահասունեան
շարժումին
Հռոմի
մէջ
տեղի
ունեցած
դերը
արդէն
բացատրեցինք
(§
2831-2833),
եւ
վերջին
յօդուածով
ալ
(§
2843)
պատմեցինք
Անտոնեանց
գործերուն
ունեցած
մասնակցութիւնը,
եւ
վերջապէս
Հայոց
պատրիարքին
դիմելը
Հայ
եկեղեցւոյ
դաւանութեան
եւ
իրաւասութեան
ներքեւ
անցնելու
համար,
որուն
գործադրութիւնը
սակայն
յետաձգուեցաւ
նոյնինքն
Վարժապետեանի
հրահանգով,
որ
գիտակ
ըլլալով
հակահասունեանց
հասարակութեան
քայքայուելուն
եւ
Հայոց
պատրիարքարան
անցնելու
միտումներ
սկսած
ըլլալուն,
բացարձակ
կերպով
կը
հրամայէր,
թէ
մենք
քեզ
կը
ճանչնանք,
ո
'
ւր
որ
ալ
ըլլաս
մերն
ես,
տեղդ
նստէ
'
եւ
խմորէ
':
Օրմանեանի
գրուածներն
ու
գործերը
Ներսէսի
անծանօթ
չէին,
եւ
անոնց
հիմնուելով
էր
որ
այդ
հրահանգը
կու
տար:
Օրմանեանի
կեանքին
վրայ
ընդհանուր
կերպով
կրնանք
աւելցնել
թէ
ուսումն
ու
դաստիարակութիւն
եւ
հրատարակութիւնք
անոր
սիրելագոյն
ասպարէզն
եղան,
ոչ
միայն
Հռոմի
եւ
Կ.
Պոլսոյ
վանական
վարժարաններուն
մէջ
աշխատեցաւ
շարունակ,
այլ
եւ
Անտոնեանց
1867-ին
Բերայի
մէջ
բացած
Անտոնեան
գիշերօթիկ
վարժարանին,
եւ
1878-ին
բացած
Համազգեաց
օրիորդաց
վարժարանին
գործերը
իրեն
յանձնուեցան:
Արեւելեան
կաթոլիկաց
շարժումին
բացատրութեան
եւ
պաշտպանութեան
համար
զանազան
լեզուներով
բազմաթիւ
եւ
ընդարձակ
լրագրական
յօդուածներէ
զատ`
հինգ
հատ
ալ
յատուկ
հրատարակութիւններ
ի
լոյս
ընծայեց,
որոնց
մէջ
Վատիկան
եւ
Հայք
գաղղիերէն
հատորը,
307
երեսներէ
բաղկացեալ,
բաւական
ստուար
գործ
մըն
է:
Բայց
աստի
պաշտօնական
գրուածներն
գրեթէ
բոլորը
իր
գրիչէն
ելան,
ինչպէս
ոմանց
համար
յիշեցինք
(§
2833):
Յիշենք
վերջապէս
որ
Հռոմ
փութաց
Օրմանեանի
հեղինակութիւնները
արգիլեալ
գրոց
իր
ցուցակին
(Index)
անցունել:
2850.
ԴԻՄՈՒՄԷՆ
ԵՏՔԸ
Օրմանեան
մօտէն
տեսած
ըլլալով
հակահասունեանց
անկայուն
վիճակը,
եւ
ներքին
պառակտումով
դէպի
քայքայում
դիմելը,
որոշած
էր
գործին
մէջէն
ճողոպրիլ
ելլալ
եւ
ազգային
եկեղեցւոյն
ծառայեցնել
իր
գործունէութիւնը:
Հռոմէական
եկեղեցւոյ
սկզբանց
եւ
գործունէութեանց
շատ
մօտէն
տեղեակ,
կանուխէն
պաղութիւն
մը
զգացած
էր
անոնց
հանդէպ,
եւ
հռոմէական
վարդապետութեանց
ներհուն
հմտութիւնը
հակառակ
արդիւնք
ունեցած
էր
իր
միտքին
եւ
սիրտին
վրայ,
եւ
երբոր
հակահասունեան
շարժումին
մասնակից
կ՚ըլլար
իբր
գլխաւոր
գործիչ
ու
գրիչ,
իր
դիտումը
աւելի
առաջ
անցնիլ
էր,
եւ
զայդ
համարփակ
յայտարարած
էր
անոնց,
որ
իրեն
համար
հռոմէական
շրջանակի
մէջ
փայլուն
ապագայ
մը
ցուցնելով,
եւ
հռոմէական
զօրութեան
դէմ
յաջողութեան
անհնարութիւնը
յիշեցնելով,
սկիզբէն
զինքը
ետ
կենալու
կը
յորդորէին,
ըլլան
համազգի
մերձաւորներ
եւ
բարեկամներ,
ըլլան
օտարազգի
ընկերակիցներ
եւ
համակիրներ:
Հայոց
պատրիարքին
տուած
տեղը
մնալու
եւ
խմորելու
թելադրութիւնը
ստիպեց
զինքը
միեւնոյն
շրջանակին
մէջ
աշխատութիւնները
շարունակել:
Արդէն
Անտոնեան
միաբանութեան
մէջ
ստանձնած
պաշտօնները
յիշեցինք,
որոնց
վրայ
պիտի
աւելնան
Օրթաքէօյի
վանքին
տեսչութիւնը
եւ
դիւանական
գործոց
եւ
թղթոց
կարգադրութիւնը:
Իսկ
հասարակային
գործոց
շրջանակին
մէջ,
իրեն
յանձնուեցան
պատրիարքական
դիւանը,
վարչական
ատենադպրութիւնը,
ելեւմտից
հաշուակալութիւնը,
ուսումնական
խորհրդոյ
անդամակցութիւնը,
եւ
երեսփոխան
ալ
ընտրուեցաւ:
Բայց
Հայոց
պատրիարքարանի
գործերէն
ալ
հեռու
չմնաց.
ազգահամարի
յանձնաժողովի
անդամակցութեան
կոչուեցաւ,
ազգային
մատենադարանի
վերատեսուչ
անուանուեցաւ,
եւ
ազգային
խնդիրներու
եւ
բանակցութեանց
մասնակից
գտնուեցաւ,
յաճախ
ալ
թաղական
լսարաններու
մէջ
ատենաբանութիւններ
խօսեցաւ,
որոնցմէ
տպագրութեամբ
հրատարակուածներ
ալ
կան
(80.
ՄԱՍ.
2588),
եւ
Սիպիլեան
Կղեմէս
հնագէտ
եւ
հնախոյզ
վարդապետին
համար
1878
յունիս
18-ին
խօսած
դամբանականը
հայ
հասարակութեան
ճանչցուց
զինքն
իբր
հմտութեամբ
եւ
տաղանդով
ծանօթ
անձ
մը,
եւ
ունկնդրաց
վրայ
մեծ
ազդեցութիւն
ըրաւ
(78.
ՄԱՍ.
2142):
Ջանաց
Օրմանեան
ընդարձակել
Հայոց
պատրիարքարանի
անցնելու
միտքը,
ունեցողներուն
շրջանակը,
եւ
առանձինն
իրեն
միաբանակիցներուն
թելադրեց
խմբովին
այդ
քայլն
առնել,
եւ
Ներսէս
պատրիարքէ
ալ
դիւրութեանց
խոստումներ
ստացաւ,
մինչեւ
իսկ
Արմաշու
վանքը
Անտոնեանց
յանձնելու
առաջարկը
խօսուեցաւ:
Սակայն
այդ
մասին
համեմատութիւն
չգոյացաւ.
զի
կային
քանիներ
որոնց
սիրտին
մէջ
ամուր
էր
կաթոլիկութեան
զգացումը,
ուրիշներ
տարիքնին
առած
էին
նոր
կացութեան
մէջ
մտնելու
դժուարութիւն
կը
զգային.
կային
ալ
որոնք
մեծ
ազդեցութեան
մէջ
դիրք
մը
կազմելու
վստահութիւն
չունէին,
իսկ
երիտասարդագոյններէն
բոլորովին
իսկ
սքեմը
մերկանալու
փափաքողներ
կը
գտնուէին,
ինչպէս
ընողներ
ալ
եղան:
Միւս
կողմէն
հետզհետէ
կը
զայրանային
հակահասունեանց
ներքին
պառակտումները,
որոնց
արձագանգ
կ՚ըլլար
խաղաղասէր
ոմն
մի
առ
մի
թուելով
խօսքի
նիւթ
եղող
կէտերը,
Անտոնեանց
արժանիքը
ու
ընթացքը
գնահատելով
եւ
Էնֆիյէճեանի
կողմէն
տարածուած
քսութիւնները
ցրելով
(76.
ՄԱՍ.
1893-1895):
Իսկ
Քիւբէլեան
շարունակ
աւելի
կը
թուլնար
իր
գործառնութեանց
մէջ.
կասկածանօք
կը
դիտուէին
Հասունի
կողմէն
իրեն
ցուցուած
մօտաւորութիւնները,
եւ
իրեն
ալ
Հասունեանց
հետ
տակաւ
աւելցող
մտերմութիւնը,
բայց
պատրիարքական
տագնապին
ելքը
վտանգաւոր
տեսնուելուն`
հասարակութիւնը
կը
լռէր,
զի
Հասունին
դիրքին
օրըստօրէ
ամրանալուն
վտանգը
ակներեւ
էր:
Այսպէս
անցան
երկու
եւս
տարիներ
գայթիգայթի
վիճակով
մը,
որուն
ուժգնակի
պաշտպանութիւնն
իսկ
խիթալի
կը
տեսնուէր,
մինչեւ
օր
մը,
1879
փետրուար
27
առաւօտուն
յանկարծ
լսուեցաւ
որ
Քիւբէլեան
Յովհան
պատրիարք
գիշերայն
իր
բնակութենէն
անյայտացած
եւ
Հասունի
մօտ
գացած
է
եւ
այսօր
վաղը
Հռոմ
կ՚ուղեւորի:
Հակահասունեանց
քայքայումը
կատարեալ
էր,
բայց
տակաւին
պաշտօնական
ձեւը
կը
մնար,
զի
Հասուն
յաջողած
չէր
իր
ետ
առնուած
պատրիարքական
հրովարտակը
վերանորոգել:
Հակահասունեաններէն
Հասունին
կողմը
անցնողներու
անուններ
կը
լսուէին,
Հայոց
պատրիարքարան
դիմողներ
ալ
եղած
էին,
ինչպէս
Ապտուլլահեան
եղբարք
Վիչէն
եւ
Յովհաննէս
եւ
Գէորգ
անուանի
լուսանկարիչներ,
Յովսէփ
Շիշմանեան
բժշկապետ
գրական
անունով
Ծերենց,
Յովսէփ
Իսքէնտէրեան,
Գրիգոր
Նիկոդիմոսեան,
Անտոն
Թիւլպէնտճեան
եւ
ուրիշներ:
Օրմանեան
պատեհ
համարեց
պաշտօնապէս
մէջտեղ
դնել
եւ
Ընդհանուր
ժողովոյ
առջեւ
հանել
առաջարկ
մը,
որ
ժամանակէ
մը
ի
վեր
յղացուած
էր,
այսինքն
հակահասունեանց
բաժինը
Հասունեանց
գրաւումներէն
մնացած
Ս.
Յովհան
Ոսկեբերան
եկեղեցւոյն
հետ
իբր
յատուկ
թաղ
մը
Հայոց
պատրիարքարանին
ազգապետական
իշխանութեան
ներքեւ
դնել,
եկեղեցական
տեսակէտէն
ինչ
ինչ
մասնաւորութիւններ
կամ
տարբերութիւններ
պահելով,
եւ
այս
նպատակով
Ներսէս
պատրիարքին
հետ
բանակցութիւն
ալ
սկսած
էր,
եւ
նա
ալ
եպիսկոպոսաց
առանձինն
գումարման
մը
մէջ
անոնց
համեմատութիւնը
ապահոված
էր:
Իրաւ
ծրագիրին
կերպը
հաստատուն
դիրք
մը
չէր,
բայց
օգտակար
էր
դէպի
կատարեալ
միաւորութիւն
առաջնորդելու:
Սակայն
հակահասունեան
մրցակից
պետերը,
որ
նուազեալ
եւ
վտանգեալ
հասարակութեան
մէջ
ալ
իրենց
դիրք
կազմելու
կը
հետապնդէին,
ամէն
ճիգ
թափեցին
առաջարկը
խափանելու,
որով
Օրմանեանի
ուրիշ
ելք
չէր
մնար,
բայց
եթէ
բացարձակ
միաւորութեան
յարողներու
խումբը
կազմել
եւ
անոնց
հետ
Հայոց
պատրիարքին
ներկայանալ:
Առաջին
քայլը
առնուեցաւ
Զատիկի
երկուշաբթին
1879
ապրիլ
2-ին
պատրիարքարանի
պաշտօնական
շնորհաւորութեանց
մէջ
հակահասունեանց
կողմէն
երեսուն
հոգւոյ
պատգամաւորութիւն
մըն
ալ
ներկայացաւ
Օրմանեանի
գլխաւորութեամբ,
եւ
նշանաւոր
ուղերձ
եւ
պատասխան
փոխանակուեցան
(79.
ՄԱՍ.
2292):
Շնորհաւորողներուն
հետ
էր
նաեւ
գաւառական
դպրոցաց
երեք
ընկերութեանց
համախումբ
պատգամաւորութիւնը,
որուն
մասնակցողներէն
դարձեալ
հակահասունեաններ
կային:
Օրմանեանի
գաղափարին
համակրութիւն
յայտնողներ
քիչ
չէին,
բայց
ընտանեկան
յարաբերութիւններ,
անհատական
ակնածութիւններ,
պաշտօնական
ակնառութիւններ
շատերը
վճռական
որոշման
պահուն
վարանման
կը
մատնէին:
Այս
պատճառով
հարկ
եղաւ
վերջնական
ցանկին
կազմութեան
գործը
ամիսներով
յապաղել,
մանաւանդ
բարձրագոյն
դասակարգէ
եղողներուն
զիջանելով:
2851.
ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ
ՕՐԸ
Բայց
հնար
չէր
անպայման
յետաձգել.
գործը
այլեւս
հրապարակ
ելած
էր
եւ
յապաղումը
սկսած
էր
տարբեր
մեկնութեանց
տեղի
տալ,
ուստի
վճռական
որոշման
վարանողները
ետեւ
թողլով`
յօժարակամ
պատրաստները
հաւաքուեցան
գործը
վերջացնել:
Յապաղման
պատճառներէն
մէկն
ալ
Ներսէս
պատրիարքի
նոր
հրաժարականով
մը
Պէյքօզ
քաշուած
ըլլալն
էր,
եւ
հարկ
կ՚ըլլար
հրաժարականի
միջադէպին
փակուելուն
եւ
Ներսէսի
պատրիարքարան
դառնալուն
սպասել:
Վերջապէս
1879
հոկտեմբեր
28
Խաչ
Գիւտի
կիրակի
օրուան
ժամադրութիւն
առնուեցաւ,
որ
է
ըսել
Օրմանեանի
համար
1877
փետրուարի
դիմումէն
2
տարի
եւ
9
ամիս
ետքը:
Իրեն
հետ
գալիք
անձանց
զանազան
թաղերէ
ըլլալուն`
մեծ
կամուրջին
Կ.
Պոլսոյ
գլուխը
ժամադրավայր
որոշուեցաւ,
ուր
հետզհետէ
հասան
34
աշխարհականներ
եւ
շարք
մը
կառքերով
իջան
Գումքաբուի
պատրիարքարանը,
որուն
բակն
ու
սրահները
ու
շրջակայ
փողոցները
լեցուն
էին
խնդակից
եւ
ծափահարող
խուռն
բազմութեամբ:
Ընդունելութիւնը
փառաւոր
եւ
պատուաւոր
ձեւերով
կատարուեցաւ,
եւ
խումբը
առաջնորդուեցաւ
մեծ
սրահը,
ուր
պատրիարքը
կը
մնար
եպիսկոպոսներէ
եւ
վարդապետներէ
շրջապատուած:
Եկող
խումբին
առաջը
կը
գտնուէին
հինաւուրց
եւ
նշանաւոր
անձնաւորութիւններ,
Սերովբէ
Ազնաւորեան
փաստաբան,
Գաբրիէլ
Սեւեան
բժշկապետ,
Պօղոս
Խուրտաճեան
դեղագործ
արհեստապետ,
Անտոն
Օրմանեան,
Պօղոս
Շիշմանեան,
Թովմաս
Եսայեան,
Կոմիտաս
Կէօչէեան,
Հեթում
Ալիշան,
Գրիգոր
Խուրտաճեան
եւ
ուրիշներ
(79.
ՄԱՍ.
2462):
Յառաջ
անցաւ
Օրմանեան
Մաղաքիա
վարդապետ,
եւ
գրաւոր
ուղերձ
մը
արտասանեց
Հայաստանեայց
եկեղեցւոյ
դաւանութիւնն
եւ
ազգային
պատրիարքարանի
հպատակութիւնն
ընդունող`
ներկայ
եւ
բացակայ
խումբին
կողմէն,
որոնց
72
հոգւոյ
ամբողջական
ցուցակն
ալ
յանձնեց:
Ուղերձին
մէջ
կը
յիշուէին
ազգային
միութեան
կրօնական
իրաւասութիւններով
բաժնուելուն
վնասներն,
իրենց
խումբին
ետեւէն
ուրիշներուն
ալ
պատրաստ
ըլլալը,
Ներսէս
պատրիարքի
ազգօգուտ
ձեռնարկները
եւ
ազգախնամ
ջանքերը,
եւ
ապագայ
յաջողութեանց
համար
յուսալից
բարեմաղթութիւններ`
յայտարարելով
թէ
այնչափ
յուզուած
է,
որ
չվստահանալով
մտամփոփ
խօսիլ
զգացումները
գիրի
առած
է:
Ներսէս
ալ
ծանրացաւ
ազգային
անջատմանց
կէտին
վրայ,
անոնց
վնասները
յիշեց,
ապագային
վրայ
յոյսեր
յայտնեց,
եւ
համարձակ
ըսաւ,
թէ
իրաւ
աւելի
զարդարուն
տուն
կը
բնակէիք,
բայց
ձերը
չէր,
մինչ
այս
համեստ
տունը
ձերն
է.
աւելցուց
թէ
կրօնափոխութիւն
չէ
ըրածնիդ,
այլ
ձեր
տունը
գալ
է,
եւ
այս
ոճով
բաւական
ընդարձակեց
Ներսէս
իր
բանախօսութիւնը
(79.
ՄԱՍ.
2463),
եւ
պահպանելով
փակեց:
Նոր
եկողներուն
կողմէն
խօսեցան
եւս
Թովմաս
Եսայեան
եւ
Սերովբէ
Ազնաւորեան,
որոնց
պատասխանեցին
Ասլանեան
Ստեփան
փաշա
եւ
Տիգրան
Եուսուֆեան,
եւ
վերջինը
յատուկ
կերպով
շեշտեց
թէ
պատրիարքարան
դիմողներ
ազգին
համար
նորեկներ
չեն,
եւ
թէ
անոնց
մէջ
կը
գտնուին
այն
անձեր,
որոնցմէ
իրենք
երիտասարդութեան
ատենին
ազգասիրական
զգացումներ
եւ
ձեռնարկներ
սորվեցան:
Ազգային
ժողովականներ
գրեթէ
համախումբ
լեցուցած
էին
ներքին
եւ
արտաքին
սրահները,
եւ
պատուասիրութեանց
հետ
մտերմական
տեսակցութիւններ
շարունակեցին
ժամի
մը
չափ,
մինչեւ
որ
պատրիարքը
ի
դէմս
խումբին
իրենց
առաջնորդը
պատուելու
համար,
ամէնքը
մայրեկեղեցի
հրաւիրեց,
եւ
Օրմանեանի
վեղար
եւ
փիլոն
նուիրելով
միասին
եկեղեցի
իջեցուց,
եւ
Ծայրագոյն
Վարդապետութեան
գաւազանի
տուչութեան
կարգը
կատարեց
եպիսկոպոսներու
ընթերակայութեամբ
եւ
մասնակցութեամբ:
Այնչափ
խուռն
էր
բազմութիւնը
որ
արարողական
տեղափոխութիւնը
կատարել
անհնար
եղաւ,
եւ
բոլոր
կարգը
բեմին
վրայ
կատարուեցաւ,
ուր
դպիրներն
ալ
ելնել
ստիպուեր
էին:
Արարողութեան
լրանալէն
ետքը
դարձեալ
պատուասիրութիւններ
եղան
պատրիարքարանի
մեծ
սրահին
մէջ,
եւ
հետզհետէ
բազմութիւնը
ցրուեցաւ,
ուրախալից
պարագայով
մը
տօնախմբութեան
օր
մը
անցուցած
ըլլալու
գոհունակութեամբ:
Օրմանեան
հոկտեմբեր
31-ին
Ղալաթիոյ
Ս.
Լուսաւորիչ
եկեղեցւոյ
քարոզիչ
անուանուեցաւ,
նոյեմբեր
4-ին
առաջին
քարոզը
խօսեցաւ,
եւ
25-ին
առաջին
պատարագը
մատոյց:
Հայոց
պատրիարքարան
չգացած
երեք
ընդարձակ
թուղթերով
հրաժեշտի
ողջոյնը
ուղղած
էր
Անտոնեան
միաբանութեան,
պարզելով
իրաց
վիճակը,
իր
զգացումները,
եւ
իր
նպատակը,
եւ
միանգամայն
առաջարկած
է
իր
վարած
պաշտօնները
փոխանցել
եւ
յանձնել
ելեւմտական
հաշիւները,
սակայն
այնչափ
սիրով
կատարուած
էր
բաժանումը,
որ
միաբանութիւնը
շարունակեց
անոր
ձեռքը
թողուլ
իր
ելեւմտական
գործերը
մինչեւ
Կ.
Պոլիսէ
մեկնելուն
օրը:
Օրմանեան
հոկտեմբեր
29-ին
հպատակութեան
գիր
մը
ուղղած
էր
Գէորգ
կաթողիկոսին
իր
եւ
իրեն
հետ
եղողներուն
կողմէն,
Ներսէս
պատրիարք
ալ
նոյեմբեր
9-ին
այդ
մասին
տեղեկագիր
թուղթ
մը
յղած
էր
Էջմիածին,
եւ
կաթողիկոսը
դեկտեմբեր
14-ին
ալ
պատասխանեց
յատուկ
կոնդակներով
(79.
ՄԱՍ.
2519):
2852.
ԹԷՈԴՈՐԵԱՆ
ԵՒ
ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐ
Հակահասունեանց
կացութիւնը
եւ
անկէ
յառաջ
եկած
գործողութիւնները
շարունակեցինք
մինչեւ
որ
հանգրուանի
մը
վրայ
կանգ
առնենք,
բայց
նոյն
միջոցին
ազգային
պատրիարքարանի
մէջը
եւ
շուրջը
տեղի
ունեցած
շատ
մը
իրողութիւններ
կան,
որոնց
գլխաւորները
մոռացութեան
մէջ
չթողլու
եւ
պատմութեանս
նիւթը
ամբողջացնելու
համար
համառօտ
ակնարկներով
քաղել
կարեւոր
կը
սեպենք
նախընթաց
դէպքեր
լրացնելու
եւ
ապագայ
դէպքեր
լուսաբանելու
համար:
Փարիզի
Հայկազնեան
վարժարանին
պարտքին
(§
2700)
խնդիր
փակուած
չէր:
Եւ
յանկարծ
նորէն
խնդրոյ
նիւթ
եղաւ
1875-ին:
Առաջին
անգամ
քաղուած
տեղեկութեանց
համեմատ,
Ամբրոսիոս
Գալֆայեան
ոչ
եւս
վարդապետ,
իր
գաղղիացի
կնոջ
կը
փոխանցէ
Հայկազեանի
հաշիւներէն
ունեցած
30,
000
ֆրանքի
պահանջը
թէպէտ
ժամանակով
35,
000
ֆրանք
յանձնուած
կ՚ըլլայ
իրեն
Կ.
Պոլսոյ
ունեւորներէն
հաւաքուած.
սակայն
այդ
վճարումը
ծածկելով
եւ
նախնական
գումարը
18
տարիներու
բարդեալ
տոկոսով
100.
000-ի
աճեցնելով,
տիկին
Ամբրոսիոսը,
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքարանէն
կը
պահանջէ
գաղղիական
տէրութեան
ձեռքով
եւ
Բերայի
Ս.
Երրորդութիւն
եկեղեցւոյ
կալուածներուն
վրայ
գրաւման
գործողութիւն
կը
կատարէ,
եւ
պատրիարքարանէ
ստիպողական
վճարում
կը
պահանջէ
(75.
ՄԱՍ.
1683):
Սակայն
կատարուած
հետազօտութիւններով
կը
ստուգուի
թէ
պահանջող
տիկինը
Ամբրոսիոսի
կինը
չէր,
որ
պահանջելու
իրաւունք
ունենայ,
այլ
պարզապէս
Ամբրոսիոսի
փոխ
տուող
մըն
է
եւ
ազգին
հետ
գործ
ունեցած
չէ,
ինքն
ալ
մեռած
է,
եւ
անոր
ժառագորդներն
են
որ
խնդիր
կը
յուզեն,
սակայն
ազգը
անոնց
հետ
որեւէ
յարաբերութիւն
ունեցած
չըլլալուն,
առած
քայլերնուն
անվաւերականութիւնը
կը
հաստատուի
եւ
կալուածներուն
վրայ
դրուած
գրաւի
գործողութիւնը
կը
ջնջուի
(75.
ՄԱՍ.
1697):
Մուրատեան
վարժարանի
խնդիր
մըն
ալ
կը
ծագի
նոյն
միջոցին,
իբր
զի
Վենետկոյ
Մխիթարեանք
կ՚որոշեն
Փարիզի
վարժարանը
փակել,
շէնքը
վաճառել,
եւ
Մուրատեանը
Վենետկոյ
Ռափայէլեան
վարժարանին
հետ
ձուլել:
Ազգային
ժողովը
սկսաւ
այդ
խնդրով
զբաղիլ,
իբր
զի
Սամուէլ
Մուրատի
կտակը
առհասարակ
հայ
մանկտւոյն
համար
էր,
զոր
Մխիթարեանք
լոկ
հռոմէականներու
սկսած
էին
սեփականել
(§
2667),
եւ
ազգային
ժողովը
իրաւունք
կը
զգար
Մխիթարեանց
դէմ
պահանջ
յարուցանելու:
Սակայն
գործնական
եւ
արդիւնաւոր
քայլ
մը
առնելու
անհնարութիւնը
շուտով
զգացուեցաւ,
զի
ոչ
միայն
գործը
բացարձակ
կերպով
Մխիթարեանց
ձեռքը
թողուած
էր
եւ
ազգային
պատրիարքարանի
յիշատակութիւն
իսկ
չկար
(§
2669),
այլ
եւ
ձեռնհաս
դատարանն
ալ
որոշել
դժուար
էր,
քանի
որ
կտակը
անգղիական,
վարժարանը
գաղղիական,
կալուածները
իտալական,
եւ
միաբանութիւնը
օսմանեան
հպատակութեան
ներքեւ
կը
գտնուէին
(75.
ՄԱՍ.
1691),
ուստի
պէտք
եղաւ
Մխիթարեանց
պարզ
յայտարարութեամբը
խնդիրը
փակել,
եւ
այսպէս
ալ
կը
մնայ
ցարդ,
ազգային
խիղճի
առջեւ
հաստատուած
իրաւունքը
օրինական
ձեւակերպութեանց
համաձայնեցնելու
դժուարութեան
պատճառով:
Այդ
անցուդարձերուն
ժամանակ
կենդանի
էր
տակաւին
Սարգիս
վարդապետ
Թէոդորեան,
բայց
արդէն
իննամսեայ
եւ
1864-է
ի
վեր
գործերէ
քաշուած
(ԹՈԴ.
Դ.
460)
առանձին
կեանք
կ՚անցունէր
Փարիզի
մէջ,
որով
վարժարանաց
շուրջը
յուզուած
խնդիրներուն
մասնակցութիւն
չունեցաւ,
եւ
միայն
1873
հոկտեմբեր
5/17-ին
վարժարանաց
մասին
քանի
մը
վաւերագիրներ
հրատարակութեան
տուաւ
(73.
ՄԱՍ.
1451-1452),
եւ
1877
յունիս
3-ին
վախճանեցաւ
(77.
ՄԱՍ.
1954),
94-րդ
տարին
լրացուցած
(§
2669):
Թէոդորեանի
գործունէութեան
եւ
աշխատութեան
արդիւնքն
եղան
Մուրատեան
եւ
Ռափայէլեան
վարժարանները,
որոնց
դրամագլուխները
ազատեց
կորսուելու
վտանգէն,
եւ
իրենց
նպատակին
յատկացուց,
բայց
եւ
պատասխանատու
մնաց
կտակները
բացարձակ
եղանակաւ
Մխիթարեանց
հաճոյքին
յանձնելու
գործին
մէջ
(§
2669),
որով
իր
ազատածը
ինքը
կորուստի
մատնած
եղաւ,
ընդհանուր
հայութեան
օգտին
յատկացեալ
հաստատութիւնները
կրօնամոլ
ուղղութեան
ձեռքն
անցնելուն
պատճառ
հանդիսացաւ,
եւ
օգուտը
հռոմէադաւան
փոքրիկ
փոքրամասնութեան
սեփականելու
առիթ
տուաւ.
մինչեւ
իսկ
անյայտ
մնաց
եւ
կը
մնայ
թէ
Մուրատեան
եւ
Ռափայէլեան
կտակներուն
արդիւնքէն
ո'րչափ
ինչ
վարժարաններուն
կը
գործածուի,
եւ
ո'րչափ
ինչ
ազատօրէն
միաբանութեան
կը
տրամադրուի:
Մեր
տեսութեամբ
ինչչափ
կը
բարձրանայ
Թէոդորեան
իր
առաջին
գործունէութեան
մէջ,
նոյնչափ
կը
նուազի
երկրորդ
տեսութեան
ներքեւ:
Հայկազնեան
վարժարանի
ձեռնարկին
մէջ
ալ
ո'րչափ
մեծ
եղած
է
իր
ուսումնական
եռանդը,
նոյնչափ
անխորհուրդ
պէտք
է
ճանչնալ
առանց
միջոցներու
ապահովութեան
յառաջ
նետուիլ
եւ
անպտուղ
պարտքեր
ստեղծելը:
Մէկ
խօսքով
առաւելն
ու
նուազը,
ուղիղն
ու
սխալը,
գովելին
ու
մեղադրելին,
տարօրինակ
խառնուրդ
մը
կը
կազմեն
Թէոդորեանի
գործունէութեան
մէջ.
եւ
որովհետեւ
գործիչներու
մահուանէ
ետքը
լաւն
է
որ
աւելի
կը
յիշատակուի
եւ
թերին
կը
մոռցուի,
միշտ
գովութեան
առարկայ
կը
մնայ
Թէոդորեան
Սարգիս
վարդապետի
անունը:
2853.
ՎԱՐՉԱԿԱՆ
ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ
Սահմանադրութեան
վերաքննութեան
խնդիրը
բաւական
յեղյեղեցինք,
եւ
Խրիմեանի
պատրիարքութեան
ժամանակամիջոցին
ապարդիւն
անցնիլը
գրեցինք
(§
2823).
դժբախտաբար
միեւնոյնը
պիտի
ըսենք
Ներսէսի
պատրիարքութեան
տասնամեայ
ժամանակամիջոցին
համար
ալ,
թէպէտեւ
տեսակ
տեսակ
նորութիւններ
եւ
ծրագիրներ
յղացուեցան
եւ
վիճաբանուեցան,
բայց
երբեք
վերջնական
եւ
լրացեալ
եզրակացութեան
չյանգեցան:
Այդ
առաջարկներուն
գլխաւորներէն
մին
եղաւ
թաղական
ժողով
կազմելու
գաղափարը:
Ամէն
սահմանադրական
օրէնքներու
մէջ
ուղղակի
ընդհանուր
քուէի
թողուած
են
միայն
օրէնսդիր
եւ
համարառու
մարմինները,
ոչ
երբեք
վարիչ
եւ
մատակարար
մարմինները:
Ազգային
սահմանադրութիւնն
ալ
կեդրոնական
եւ
գաւառական
երեսփոխանները
ընդհանուր
քուէարկութեան
յատկացուցած
է,
իսկ
կեդրոնական
եւ
գաւառական
վարչութիւններուն
կազմութիւնը
երեսփոխանական
ժողովի
վերապահած:
Այս
ընդհանուր
կանոնէն
բացառութիւն
կը
կազմեն
թաղական
խորհուրդները,
որ
թաղերու
վարիչներն
ու
մատակարարներն
են,
բայց
ուղղակի
ընդհանուր
քուէով
կ՚ընտրուին,
եւ
այդ
դրութենէ
յառաջ
կու
գան
թաղական
խորհուրդներու
աններդաշնակ
կազմութիւնները,
ժողովրդական
յուզմունքները,
անտեղի
միջամտութիւնները,
յարափոփոխ
կացութիւնները,
եւ
անհաստատ
գործունէութիւնները,
թո'ղ
անհատական
շահերով
ընդհանուր
շահերուն
խափանուիլը
Ընդհանուր
կանոնին
համաձայն
կ՚ըլլար
եթէ
թաղական
խորհուրդներուն
վրայ
թաղային
ժողովներ
ալ
գտնուէին,
որոնցմէ
ընտրուէին
խորհուրդները,
եւ
ժողովը
ըլլար
լոկ
կանոնագիրն
ու
համարառուն:
Այս
տեսութիւններէ
ծագեցաւ
թաղային
խորհուրդներ
հաստատելու
ծրագիրը,
որուն
կազմութիւնը
կը
պատկանէր
Նահապետ
Ռուսինեան
բժշկապետին,
անուն
մը
զոր
ստէպ
կրկնեցինք
ազգային
ժողովներու
գործառնութեանց
մէջ,
եւ
որ
իր
ծրագիրը
ներկայեց
1875
յունիսին
(75.
ՄԱՍ.
1699),
ու
համակիր
ընդունելութեան
ալ
հանդիպեցաւ,
բայց
ոչ
որոշման
յանգեցաւ
եւ
ոչ
գործունէութեան
մտաւ,
եւ
թաղական
մատակարարութեանց
հիմնական
թերութիւնը
իր
դարմանը
չգտաւ:
Աւելի
յաջող
եղաւ
վարչական
ժողովներուն
համար
առաջարկուած
նոր
ձեւը:
Վարչութիւնը
հինգ
ճիւղի
պիտի
բաժնուէր,
կրօնական,
քաղաքական,
կրթական,
տնտեսական
եւ
դատական,
իւրաքանչիւրը
եօթնական
մասնագէտներէ
կազմուած
ժողով
պիտի
ունենար,
որոնցմէ
մէկը
ճիւղին
գլուխը
պիտի
ըլլար
ատենապետ
կոչմամբ,
բայց
իսկապէս
նախարարութեան
նմանութեամբ,
եւ
հինգ
պետերը
միանալով
պիտի
կազմէին
վարչական
ատեանը
պատրիարքին
նախագահութեամբ,
որ
միանգամայն
ամէն
ճիւղերուն
նախագահը
պիտի
ճանչցուէր,
եւ
ամէն
որոշումներու
գործադիրը
պիտի
ըլլար:
Ծրագիրը
37
յօդուածներով
մանրամասնօրէն
կը
գծէր
ընտրութեանց
կերպերը,
փոխադարձ
յարաբերութիւնները,
գործունէութեան
ձեւերը,
եւ
խնդիրներու
լուծումները
(76.
ՄԱՍ.
1790-1791):
Այս
ծրագիրը
ընդհանուր
ժողովէ
ալ
վաւերացուեցաւ
1876
յունուար
30-ին
(76.
ՄԱՍ.
1789),
բայց
գործադրութիւնը
յետաձգուեցաւ,
եւ
միայն
1880
հոկտեմբեր
31-ին
(ԻԶՄ.
1228)
իբր
ի
փորձ
գործածուեցաւ
փոքր
ինչ
փոփոխմամբ,
որովհետեւ
վարչական
խորհուրդը
հինգի
տեղ
վեց
պատասխանատու
անդամներու
վերածուեցաւ,
որոնք
խորհրդական
անունն
ալ
առին,
քաղաքականը
ներքին
եւ
յարաբերական
ճիւղերու
բաժնուեցաւ,
եւ
իւրաքանչիւր
ճիւղի
ժողովները
յապաւուեցան
եւ
նոր
կանոնագիր
ալ
կազմուեցաւ
(80.
ՄԱՍ.
2733-2734):
Ատենապետ
եւ
ներքին
գործոց
խորհրդական
ընտրուեցաւ
Տիգրան
Եուսուֆեան,
կրօնական
խորհրդական`
նախ
Մատթէոս
եպիսկոպոս
Իզմիրլեան,
եւ
յետոյ
Սիմէօն
եպիսկոպոս
Սէֆէրեան,
յարաբերական`
Միքայէլ
Մոմճեան,
կրթական`
Միքայէլ
Մամիկոնեան,
տնտեսական`
Գարեգին
Մելիքեան
եւ
դատական
խորհրդական
Սերովբէ
Ազնաւորեան,
որ
բոլորովին
նոր
կազմակերպութիւն
մը
տուաւ
դատաստանական
խորհուրդին
եւ
կազմական
եւ
դատավարական
կանոնագիրքի
ծրագիրներ
պատրաստեց:
Այդ
դրութիւնը
երկու
տարի
փորձելէ
յետոյ
թողուեցաւ,
զի
կառավարութենէ
հաստատուած
չէր,
եւ
զի
վարչութեան
պատասխանատու
խորհրդականութիւնը
ստանձնողներ
չգտնուեցան
(ՔԷՉ.
203),
մանաւանդ
որ
հինաւուրց
ձեւին
հետեւողութիւնը
ունակութիւն
էր
դարձած,
եւ
նոր
ձեւը
օտարամուտ
երեւցաւ:
Բայց
անօգուտ
եղած
պիտի
չըլլար
եթէ
շարունակէր
եւ
մշտատեւ
դառնար,
զի
1863-ի
սահմանադրութեան
հաստատած
14
կրօնականով
եւ
20
աշխարհականով,
կամ
ինչպէս
ետքէն
վերածուեցաւ
14
կրօնականով
եւ
14
աշխարհականով,
ընդ
ամէնն
28
անձերով
կազմուած
վարչութիւնը
ճապաղ
դրութիւն
մըն
է,
որուն
ոչ
մի
սահմանադրական
պետութեան
մէջ
հաւասարը
կը
գտնուի,
եւ
եօթն
անդամով
եւ
յատկացեալ
ճիւղերով
վարչութիւն
մը
բաւական
է
Հայոց
պատրիարքարանի
գործերը
ամփոփ
կերպով
քննելու,
արագ
կերպով
որոշելու
եւ
դիւրին
կերպով
գործադրելու,
մինչ
բազմանդամ
մարմին
մը
աւելի
խորհրդարանի
քան
վարչութեան
ձեւը
կ՚առնէ,
եւ
իրօք
ալ
այդ
դժբախտ
հետեւանքը
տիրած
է
ազգային
պատրիարքարանի
մէջ:
Սակայն
օրինադրողներուն
արդարացման
համար
կրնանք
ըսել,
թէ
իրենց
միտքին
մէջ
Ընդհանուր
ժողովը
երկամեայ
շրջանով
եւ
երկամեայ
տեւողութեամբ
միայն
գործող
մարմին
մը
պիտի
ըլլար,
որով
կրօնական
ու
քաղաքական
կոչուած
ժողովները,
աւելի
քան
վարիչ
մարմին,
պարզապէս
Ընդհանուր
ժողովոյ
մնալուն
ներկայացուցիչները
կը
նկատուէին:
Արդէն
ալ
վարչութիւն
եւ
վարիչ
բառերը
սահմանադրութեան
մէջ
չեն
գտնուիր.
առաւելապէս
նոր
է
վարչապետ
անունը,
որ
քաղաքական
ժողովոյ
ատենապետներուն
սկսաւ
տրուիլ,
որոնք
միայն
ատեան
կազմուած
ատեն
գործունէութիւն
ունենալ
սահմանուած
էին,
մինչ
իշխանութիւն
բառը
միայն
պատրիարքին
համար
գործածուած
է
սահմանադրութեան
մէջ
(ՍՀՄ.
13):
2854.
ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՄԱՆՑ
ԽՆԴԻՐ
Այս
անցուդարձերուն
հետ
հրապարակի
վրայ
եւ
հայութեան
ամէն
խաւերու
մէջ
խօսքի
եւ
կարծիքի
տեսութեանց
եւ
գործողութեանց
նիւթ
դարձած
էր
Հայկական
խնդիրը,
որ
այլեւս
խորհրդապահ
գաղտնութեան
քօղին
պէտք
չունէր,
քանի
որ
կրկին
անգամ
Սան
Սթէֆանօյի
(§
2843)
եւ
Պերլինի
(§
2844)
միջազգային
դաշնագիրներուն
մէջ
օսմանեան
կայսրութեան
պատուիրակներուն
ստորագրութեամբ
եւ
կայսերական
վաւերացմամբ
ալ
պաշտօնական
գործոց
կարգն
անցած
էր:
Այդ
դաշնագիրներուն
մէջ
Եւրոպական
Թուրքիոյ
ապստամբած
տարրերուն
վիճակը
բարւոքմանց
արժանացած
էր,
ոչ
թէ
անշուշտ
ապստամբութեան
արժանիքով,
այլ
նեղուած
եւ
հարստահարուած
կացութեան
արգահատանքով:
Երբոր
այսպէս
զանազան
տարրներ
նոր
կացութեան
եւ
արտօնութեանց
տէր
կը
դառնային,
հայ
տարրն
ալ
որ
անոնցմէ
աւելի
նեղուած
էր,
ոչ
միայն
փափաք
այլեւ
իրաւունք
կը
զգար
ինքն
ալ
մասնակցիլ
բարեբաստիկ
որոշմանց.
բայց
ինքն
ոչ
ապստամբութիւն
փորձած
էր,
ոչ
կառավարութեան
դէմ
շարժում
ըրած
էր,
եւ
ոչ
բռնադատական
միջոցներու
դիմած
էր:
Նա
խաղաղ
եւ
հանդարտ
կերպով
իր
վիճակը
կը
պարզէր
իր
կառավարութեան,
եւ
օտար
պետութեանց
գութը
շարժել
կը
ջանար,
որոնք
գործողութեան
հսկողութեան
հրաւիրուած
էին
եւ
երաշխաւորութիւն
ստանձնած,
յուսալով
աւելի
ընդունելութիւն
գտնել
այդ
հանդարտիկ
ուղղութեամբ
քան
թէ
ըմբոստ
պահանջմամբ:
Սակայն
իր
նախընտրած
ոճը
ապարդիւն
էր
դարձած,
եւ
Պերլինի
դաշնագիրը
զիրենք
աւելի
բախտաւորած
չէր,
եւ
իբր
պատճառ
կը
ցուցուէր
իրեն
գործածած
միջոցին
տկարութիւնը:
Հայերը
շարժում
ըրած
չեն
կ՚ըսուէր,
զոր
Պերլինի
պատուիրակութենէն
դարձող
Խրիմեանն
ալ
հերիսայի
կաթսային
առակովը
կը
բացատրէր,
երկաթեայ
շերեփներուն
բաժին
առնելու
յարմարութեան
եւ
թղթեայ
շերեփներուն
անյարմարութեանը
օրինակելով:
Հայը
ոչ
ազատ
տէրութեան,
ոչ
յատուկ
իշխանապետութեան
եւ
ոչ
կայսերութենէ
անջատման
գաղափարներ
տածած
էր,
այլ
Լիբանանի
տրուած
կացութեան
նմանութեամբ
(§
2701)
կառավարութիւն
մըն
էր
իր
առաւելագոյն
յուսադրութիւնը
(78.
ՄԱՍ.
2705),
որուն
Մարոնիէն
շատ
աւելի
իրաւամբ
կրնար
արժանանալ
(78.
ՄԱՍ.
2164):
Այսչափ
էր
եւ
ոչ
աւելի
Հայկական
խնդիրին
իմաստը,
որուն
աւելի
ճշդութեամբ
բարեկարգութեանց
խնդիր
անունը
տրուեցաւ:
Այդ
հիմամբ
կը
շարունակէին
Ներսէսի
ջանքերը
թէ
օսմանեան
գահուն
ու
կառավարութեան
եւ
թէ
հսկող
պետութեանց
դեսպանատուներուն
ու
դահլիճներուն
առջեւ,
ինչպէս
նոյն
միջոցին
օրը
օրին
հրատարակուած
յարաբերութիւնները
եւ
թղթակցութիւններ
կը
հաւաստեն,
որոնց
մէջ
մէկ
կողմէն
խնդրուածք
եւ
հայցուածք
կը
կրկնուին,
եւ
միւս
կողմէն
աղիտալի
դէպքերը
կը
պատմուէին:
Երբոր
խնդիրը
այսպէս
հրապարակի
վրայ
կը
ծեծուէր,
Ընդհանուր
ժողովոյ
խծբծող
խմբակը
անկէ
ալ
կծու
դիտողութեանց
առիթ
կը
քաղէր,
Ներսէսի
ըրածն
ու
չըրածն
իրարու
կը
խառնէր,
այնպէս
որ
հարկ
կ՚ըլլար
Ներսէսի
ընդարձակ
բանախօսութեամբ
մը
յատենի
ժողովոյն
գործին
ընթացքը
բացատրել,
սկզբնաւորութենէն
մինչեւ
ներկայ
վիճակը
(78.
ՄԱՍ.
2153-2157),
որ
մեծամասնութիւնը
կը
գոհացնէր,
բայց
դժգոհներու
խումբը
չէր
լռեր,
եւ
Թադէոս
Պէկեան
աւելի
առաջ
անցնելով
ուղղակի
պատրիարքին
դէմ
ծանր
խօսքերով
ամբաստանող
կը
կանգնէր,
եւ
հարկ
կ՚ըլլար
քննիչ
յանձնաժողով
կազմել
(78.
ՄԱՍ.
2159),
որուն
սակայն
նա
չէր
ներկայանար,
եւ
իր
յայտարարած
փաստերը
չէր
հաղորդեր,
եւ
միայն
յատենի
ժողովոյն
կարդալ
կը
պահանջէր:
Ժողովը
կը
պնդէր
որ
առաջ
յանձնաժողովէն
անցնէր,
եւ
միայն
Ներսէսի
պահանջին
վրայ
ժամերով
Պէկեանը
լսելու
յանձնառու
կ՚ըլլար,
որ
լուտանքէ
եւ
երեւակայական
ենթադրութիւններէ
զատ
ոչ
մի
փաստ
եւ
ոչ
մի
վաւերագիր
չէր
ներկայեր
եւ
առիթ
կ՚ընծայէր
անգամ
մըն
ալ
ժողովական
գոհունակութեան
եւ
պաշտօնական
հաւանութեան
յայտարարութիւն
մատուցանելու
Ներսէսի
(78.
ՄԱՍ.
2186).
իսկ
ինքն
իբրեւ
քսու
եւ
զրպարտող`
ժողովական
որոշմամբ`
դատապարտութեան
կենթարկուէր
(78.
ՄԱՍ.
2201),
եւ
չհամակերպելուն
վրայ
երեսփոխանութենէ
կը
մերժուէր
(79.
ՄԱՍ.
2245):
Սակայն
Ներսէս
անտանելի
կը
գտնէր
իր
կացութիւնը,
իր
անդադար
եւ
անխոնջ
ճիգերը
զգալի
արդիւնք
չէին
արտադրեր,
հսկող
պետութիւններ
գործնական
միջոցներ
ձեռք
չէին
ունենար,
իր
հիւանդութիւնն
ալ
զինքն
սաստիկ
կը
տանջէր,
զի
ոչ
միայն
պտոյտի
եւ
օդի
եւ
զգուշութեանց
դարմանները
չէր
կրնար
գործածել,
այլեւ
սրտնեղութիւններ
կը
զայրացնէին,
խծբծող
ընդդիմադիրներն
ալ
նորանոր
խնդիրներով
զինքն
կը
նեղէին:
Այդ
կացութեան
առջեւ
քանիցս
հրաժարելու
միտքեր
էր
յայտնած
եւ
հրաժարագիրներ
ալ
ներկայացուցած,
եւ
պահ
մը
պատրիարքարանէ
քաշուած,
սակայն
ոչ
միայն
թախանձանօք
կը
մերժուէին,
այլեւ
ինքն
միջադէպներու
եւ
անհրաժեշտ
պարագաներու
առջեւ
անհոգ
չէր
կրնար
մնալ,
եւ
գործի
կը
դառնար:
Առօրեայ
գործոց
համար
խորհրդական
կամ
փոխանորդ
եպիսկոպոս
մը
հաստատուած
էր
պատրիարքարանի
մէջ,
առաջ
Մխիթարեան
Խորէն,
եւ
վերջէն
Իզմիրլեան
Մատթէոս,
բայց
գլխաւոր
գործեր
Ներսէսի
ներկայութիւնը
կը
պահանջէին:
Կառավարութիւնն
ալ
մերժեց
անոր
1878
դեկտեմբեր
23-ին
տուած
հրաժարականը.
զի
կայսր
ալ
կառավարութիւնն
ալ
մերժեցին
եւ
յանձն
չառին
անոր
քաշուիլը,
ուստի
միեւնոյն
օր
կրօնից
պաշտօնեային
ձեռքով
ետ
դարձուցին
անոր
հրաժարագիրը:
Այդ
պարագաները
բաւական
են
հաստատելու
թէ
Ներսէսի
մղած
բարենորոգմանց
խնդիրը
ոչ
կայսրը
ցաւցնելու
եւ
ոչ
կառավարութիւնը
շփոթելու
կերպարան
չունէր,
զի
օրինաւորութեանց
սահմանին
մէջ
կատարուած
ձեռնարկ
մըն
էր,
ուստի
ինքնին
կը
ցրուին
Ներսէսի
դէմ
յարուցուած
իրարու
ներհակ
մեղադրանքները,
մէկ
կողմէն
թէ
կայսրը
ազգին
դէմ
թշնամացնելու
պատճառ
եղած
է,
եւ
միւս
կողմէն
թէ
գաղտնապէս
ազգին
օգուտը
պետական
տեսութեանց
զոհած
է:
2855.
ՓՈԽԱՆՈՐԴԻ
ԽՆԴԻՐ
Մկրեան
Յովհաննէս
քահանայի
1871-ին
պատրիարքական
փոխանորդութեան
կոչուելուն
առթիւ
ակնարկեցինք,
թէ
այդ
անուանումը
ծանր
եկած
էր
վեղաւորաց
դասակարգին,
որ
իր
նախադասութեան
զգացմամբ
չէր
կրնար
տանիլ
քահանայական
դասէ
մէկու
մը
նոյն
իսկ
իրենց
վրայ
իշխանութիւն
գործածելը
եւ
ըստ
պարագայից
նախապատուութիւն
եւ
նախաթոռութիւն
իսկ
վայելելը
(§
2824),
թէպէտ
առջի
ժամանակներ
բաւական
օրինակներ
տեսնուած
են:
Խրիմեան
կրցեր
էր
իր
անուանածը
պաշտպանել
մինչեւ
վերջը.
Ներսէս
ալ
պահած
էր
զայն
իր
պաշտօնին
վրայ
եւ
հակառակութիւններուն
առջեւ
ալ
տեղի
չէր
տար.
Մկրեան
ալ
չէր
քաշուեր
փոխանորդութեան
պատիւն
ու
գործերը
ու
ձեւերը
կատարեալ
կերպով
եւ
առանց
ակնածութեան
պահել
եւ
պաշտպանել:
Ընդդիմադիր
խմբակն
ալ
այդ
պարագայն
իրեն
գործունէութեան
նիւթ
ըրաւ,
եւ
չէր
դադրեր
փոխանորդի
փոփոխութեան
խնդիրներ
յուզել,
եւ
վերջնական
հարուածը
տալու
դիտմամբ
Ստեփան
Փափազեան
պաշտօնապէս
ամբաստագիր
ներկայեց
փոխանորդին
դէմ,
թէպէտեւ
գաղտնիք
մը
չէր
թէ
խմբակին
վեղարաւոր
պետն
էր
գործին
գրգռիչը:
Գործը
քննիչ
յանձնաժողովոյ
յանձնուեցաւ
(77.
ՄԱՍ.
2022),
բայց
Ներսէս
իր
փոխանորդը
պաշտպանեց
եւ
թող
չտուաւ
որ
քաշուի
յանձնաժողովի
տեղակագիրէն
առաջ,
մինչ
ամբաստանութեան
դիտումը
ոչ
թէ
բան
մը
հաստատել
եւ
հաւաստել
էր,
այլ
ամբաստանեալի
անունի
ներքեւ
քաշուելու
ստիպել:
Այս
պատճառով
գործը
երկարեցաւ,
ոչ
յանձնաժողովը
գործեց,
ոչ
ամբաստանութեանց
նիւթերը
լսուեցան,
բայց
եւ
ոչ
Մկրեանի
թոյլ
տրուեցաւ
քաշուիլ,
որ
միշտ
քննութեան
գործադրութիւնը
կը
պահանջէր,
եւ
այսպէս
կ՚անցնէին
1877
տարւոյ
վերջին
ամիսները:
Երբոր
առաջին
փորձը
չյաջողեցաւ
եկեղեցական
դասէն
քանիներ
ձեռք
առնուեցան,
եւ
պատրիարքին
դիմեցին
ամբաստանութեան
ներքեւ
անձ
մը
փոխանորդութեան
մէջ
պահելուն
անտեղութիւնը
ցուցնելով,
եւ
այն
ատեն
միայն
Մկրեան,
տեսնելով
որ
եկեղեցական
հայրերէ
եւ
եղբայրներէ
կ՚ըլլայ
այսպիսի
ձեռնարկութիւն
մը,
նոյեմբեր
10-ին
վերջնական
կերպով
իր
հրաժարականը
խառն
ժողովին
ներկայեց,
զի
նոյն
օրեր
պատրիարքն
ալ
իւր
հրաժարականը
մատուցած
էր
(77.
ՄԱՍ.
2060):
Բայց
որոշումը
դարձեալ
երկարեցաւ
մինչեւ
որ
Մկրեանի
պնդելուն
վրայ
փոխանորդութենէ
արձակուեցաւ:
Պատրիարքը
անձի
խնդիրը
լուծած
ատեն
սկզբունքի
խնդիրին
մէջ
տեղի
տալ
չուզեց,
եւ
ուրիշ
քահանայ
մը,
Գարակէօմրիւկի
եկեղեցւոյն
Արիստակէս
Գալֆայեանը,
փոխանորդութեան
կոչեց
1878
յունուար
12-ին
(78.
ՄԱՍ.
2076):
Սակայն
Գալֆայեան
շատ
հեռու
էր
Մկրեանի
կարողութենէ,
եւ
քանի
մը
ամիս
ետքը
նորէն
առաջարկներ
սկսան
Մկրեանը
դարձնելու
(78.
ՄԱՍ.
2140),
եւ
երեսփոխաններէն
56
հոգի
բողոքագիր
մըն
ալ
մատուցին
քննութիւն
չըլլալուն
եւ
չաւարտելուն
համար
(78.
ՄԱՍ.
2142),
բայց
Մկրեան
գործի
դառնալու
կ՚ընդդիմանար
եւ
միշտ
քննութեան
վերջաւորութիւնը
իբր
պայման
կը
դնէր:
Գալֆայեանի
օրէնքէ
դուրս
մէկ
երկու
գործերն
ալ
առիթ
տուին
զայն
պաշտօնէ
դադրեցնելու,
եւ
վերջապէս
նորէն
վեղարաւորի
մը,
Արմաշի
միաբաններէն
Խօլտամեան
Պօղոս
վարդապետի
փոխանորդ
անուանուելովը
խնդիրները
փակուեցան,
եւ
Մկրեանի
դէմ
եղած
ամբաստանութեանց
պարզապէս
հակառակութեան
զգացմանց
արդիւնք
եւ
պաշտօնէ
հեռացնելու
պատրուակ
մը
եղած
ըլլալը
յայտնուեցաւ:
Ներսէս
իսկապէս
ունէր
քահանայական
դասակարգը
բարձրացնելու
գաղափարը
եւ
ասոր
նշանակներն
եղան
Սահակ
Տէր-Սարգիսեան
քահանայն
առաջ
Եգիպտոսի
փոխ
առաջնորդ
եւ
յետոյ
Խարբերդի
վանքերուն
վարիչ
նշանակելն.
Յովհաննէս
Մկրեան
քահանայն
Եգիպտոսի
առաջնորդ
Մեսրոպ
Սուքիասեան
եպիսկոպոսի
եւ
ժողովուրդին
մէջ
յուզուած
խնդիրներուն
քննիչ
յղելը
(79.
ՄԱՍ.
2425).
Յովհաննէս
Հիւնքեարպէյէնտեան
քահանայն
Կիպրոսի
տեսուչ
անուանելը,
այլ
ձեռնարկներ,
սակայն
դժբախտաբար
հիմնական
փոփոխութիւն
մը
յառաջ
չեկաւ
այս
մասին,
ոչ
միայն
վեղարաւոր
դասակարգին
հակակրութեան
պատճառով,
այլեւ
ժողովրդական
նախապաշարման
երեսէն,
որ
գլուխը
վեղար
եւ
ձեռքը
գաւազան
կրելը
արժանաւորութեան
միակ
պայման
կը
նկատէր
եւ
կը
նկատէ,
եւ
այդ
պայմանն
ունեցող
ապիկար
վեղարաւորն
ալ
ընդունիլ
չվարանիր:
2856.
ՕՐՄԱՆԵԱՆ
ԵՒ
ՂԱԼԱԹԻԱ
Օրմանեանի
Ղալաթիոյ
Ս.
Լուսաւորիչ
եկեղեցւոյ
քարոզիչ
նշանակուիլը
յիշեցինք
(§
2850):
Ընդհանրապէս
համեստ
կը
տեսնուէր
Ղալաթիոյ
թաղը
եւ
շատ
էին
զինքը
Բերայի
եկեղեցւոյն
մէջ
տեսնել
ուզողներ.
սակայն
Ղալաթիա
իրեն
յատուկ
կարեւորութիւնն
ունէր,
գուցէ
Ներսէս
ալ
այդ
անուանումով
ուրիշ
մտադրութիւն
մը
ունէր:
Օրմանեան
պատրիարքարանի
մէջ
Ներսէսի
մօտ
առանց
պաշտօնական
անունի
յատուկ
պաշտօնեայ
մըն
էր,
մասնաւորապէս
եւրոպական
դեսպանատանց
հետ
պաշտօնական
եւ
անպաշտօն
յարաբերութեանց
կը
գործածուէր,
եւ
կրօնական
խնդիրներու
ալ
կը
ծառայէր,
ինչպէս
երբոր
հարկ
եղաւ
անգղիական
եկեղեցւոյ
Լամպէթեան
ժողովին
պաշտօնական
գրութեանց
եւ
աստուածաբանական
տեսութեանց
լատին
լեզուով
պատասխանել:
Անոր
գլխաւոր
գործն
եղաւ
Ղալաթիոյ
եկեղեցւոյն
կարգաւորութիւնն
ու
պայծառացումը,
հինգշաբթիի
քարոզներով
տեղացի
ուխտաւորներուն
եռանդը
բորբոքել,
եւ
կիրակիի
քարոզներով
գաւառացի
պանդուխտ
ժամաւորներուն
զգացումները
ուղղել,
միանգամայն
եկեղեցական
բարեկարգութեանց
եւ
ծիսակատարութեանց
յատուկ
մտադրութիւն
դարձնել:
Բայց
Ղալաթիոյ
եկեղեցին
լոկ
ուխտատեղի
մը
չէր,
անոր
անտէրունչ
վիճակէն
օգտուելով
հոն
տեղաւորուած
էր
ընդդիմադիրներու
կեդրոնը:
Ստեփան
Փափազեան
իբրեւ
վարժարանի
տեսուչ,
Քրիստոսատուր
Ղազարոսեան
իբրեւ
կիրակնօրեայ
դասատուութեանց
վարիչ,
եւ
միանգամայն
իբրեւ
թաղական
խորհրդական
ուրիշ
երկու
երեք
ընկերներով`
Ղալաթիոյ
արդիւնքը
կը
շահագործէին,
եւ
իրենք
ալ
կը
շահուէին,
եւ
այնտեղէն
կը
վարէին
իրենց
սեփական
գործունէութիւնը,
եւ
ասկէ
ծագած
էր
Ղալաթիոյ
օճախ
անունն
ալ:
Անգամ
մը
պատրիարքարանը
ուզեց
իրենցմէ
թաղական
համարատուութիւն
պահանջել
եւ
եկեղեցին
նոր
խորհուրդի
յանձնել,
այլ
մէջը
եղողներ,
օճախի
պետերը
եւ
հետեւորդները,
բացորոշ
կերպով
դիմադրեցին
եւ
որոշումը
ապարդիւն
թողուցին
(77.
ՄԱՍ.
1949),
եւ
մինչեւ
իսկ
Փափազեան
արիւն
թափելով
դէմ
դնելու
յայտարարութեան
հասաւ
(77.
ՄԱՍ.
1953):
Կացութիւնը
շարունակեց
տակաւին
միեւնոյն
կամայական
վիճակի
մէջ,
մինչեւ
որ
իրենք
ալ
տեսնալով
որ
պէտք
էր
որեւէ
օրինաւորութեան
ձեւ
մը
տալ,
Ղալաթիա
բնակող
գաւառացի
եւ
գործաւոր
պանդուխտներուն
թաղեցիի
իրաւունք
տալու
եւ
անոնց
քուէով
խորհուրդ
ընտրուելու
գաղափարը
յղացան,
եւ
շատ
աշխատութեամբ
Ընդհանուր
ժողովի
ալ
հաստատել
տուին,
վստահ
ըլլալով
թէ
խեղճ
պանդուխտներու
ձեռքով
կրնան
իրենց
դիրքը
ամրացնել,
սակայն
նպատակնին
չիրականացաւ:
Օրմանեանի
քարոզչութեան
ժամանակին
հանդիպեցաւ
որոշման
գործադրութիւնը,
որ
պէտք
եղած
պատրաստութիւնները
կատարելով,
ընտրողաց
ցանկերը
պատրաստելով,
եւ
ընտրական
ժողով
կազմելով,
հրաւէրը
հրատարակեց
1880
յունուար
28-ին
(80.
ՄԱՍ.
2537),
եւ
ընտրութիւնը
կատարուեցաւ
փետրուար
3-ին
(80.
ՄԱՍ.
2541),
եւ
ինն
թաղականներ
առաջին
քուէարկութեամբ
ընտրուեցան,
անվարժ
քուէարկուներու
կանոնաւոր
քուէարկութեամբ
եւ
Օրմանեանի
անձնական
հսկողութեամբ:
Ընտրեալներէն
հինգը
Ղալաթիոյ
թաղին
համար
նոր
գծուած
սահմանին
մէջ
ընտանէօք
բնակողներն
էին
եւ
երեքը
Սեբաստացի
եւ
մին
Արաբկիրցի
պանդուխտներէն:
Բայց
յուսախաբ
մնացին
Մշեցի
պանդուխտներ,
Փափազեանի
հաւատարիմ
գունդը
կազմողներ,
զի
իրենց
մէջ
կուսակցութեան
բաժնուելով
քուէնին
ցրուած
էին,
ուր
Սեբաստացիներ
իրենց
ընտրելիներուն
վրայ
համաձայնած
եւ
միաձայն
քուէարկած
էին:
Դժգոհութիւնը
եւ
գրգռութիւնը
տարածուեցաւ
Մշեցւոց
մէջ
եւ
ընտրութիւնը
բեկանելու
խլրտումներ
պատրաստուեցան
Փափազեանի
հրամանատարութեամբ:
Երբոր
օրինաւոր
քուէարկութեան
դէմ
դիմումնին
անլսելի
մնաց,
զի
պանդուխտները
միահամուռ
մի
մարմին
նկատուած
էին
եւ
զանազան
խումբերէ
համեմատաբար
անդամ
առնելու
պայման
դրուած
չէր,
եւ
ընտրութիւնը
քաղաքականէն
վաւերացաւ,
պատրիարքական
կոնդակն
ալ
գրուեցաւ,
եւ
փետրուար
14-ին
հինգշաբթի
օր
եւ
Տեառընդառաջի
տօնին
հրատարակուիլն
ալ
լսուեցաւ,
Մշեցիք
հրաման
ստացան
իրենց
պաշտպանէն
կապարագլուխ
խարազաններով
եւ
ծանրագլուխ
կաշեայ
գօտիներով
զինուած
համախմբուիլ
պատարագի
ատեն:
Բայց
Օրմանեան
կանխեց
կոնդակի
ընթերցումը
եւ
ձեռնարկեց
խորհուրդին
կազմութեան:
Եւ
երբոր
Փափազեան
Վոսփորէ
հասաւ
ամենայն
ինչ
լրացած,
եւ
պաշտօնական
հրատարակութիւնը
արգիլելու
ծրագիրը
խափանած
գտաւ:
Ասոր
վրայ
է
որ
Մշեցիք
եկեղեցւոյ
բակին
մէջ
Սեբաստացի
եւ
ուրիշ
պանդուխտներու
վրայ
յարձակումի
սկսան,
բիրեր
եւ
խարազաններ
շողալ
սկսան,
աղաղակներ
բարձրացան,
եւ
եկեղեցւոյ
ուխտաւորներուն
վայնասունները
շատցան:
Օրմանեան
անձամբ
կռուարարներուն
մէջ
նետուեցաւ,
եկեղեցին
հանդարտեցուց,
եւ
յանդիմանելով
ու
ամչցնելով
բակը
պարպելու
յաջողեցաւ,
եւ
երբոր
Փափազեանէ
հրաւիրուած
ոստիկանութիւնը
հասաւ,
արդէն
հանդարտութիւնը
հաստատուած
էր:
Նոր
թաղականը
Օրմանեանի
նախագահութեամբ
եւ
Կեսարացի
վաճառական
Գէորգ
Գլըճեանի
ատենապետութեամբ
անմիջապէս
գործի
ձեռնարկեց,
եկեղեցին
ու
դպրոցը,
սնտուկն
ու
հասոյթը
ձեռք
առաւ,
թաղական
խորհրդարանին
օճախեանց
ժողովարան
ըլլալը
արգիլեց,
պաշտօն
չունեցող
անձերը
հեռացուց,
Մշեցիները
շահեցաւ
վարժարանի
հոգաբարձութեան
եւ
բանկալի
հսկողութեան
մասնակից
ընելով,
եւ
նոյն
իսկ
անոց
ձեռքով
Փափազեանը
տեսչութենէ
դադրեցուց:
Այն
օրէն
Ղալաթիոյ
օճախը
իր
ոտքի
կռուանը
կորսնցուց,
եւ
սկսաւ
ցրուիլ
ու
տկարանալ,
մինչեւ
իսկ
կասկածիլ
ոմանց
թէ
յատկապէս
ընդդիմադիր
խմբակը
ցրուելու
նպատակով
Օրմանեան
Ղալաթիոյ
քարոզչութեան
կոչուած
ըլլայ:
Բայց
եթէ
այդ
արդիւնքը
յառաջ
եկաւ
աւելի
իրենց
ձախլիկ
գործունէութեան
պէտք
է
վերագրել:
Իսկ
Օրմանեան
երկար
չմնաց
Ղալաթիոյ
պաշտօնին
վրայ,
ինքն
կանխաւ
փափաք
յայտնած
էր
վարչականէ
աւելի
ուսումնական
ճիւղին
մէջ
աշխատիլ,
բայց
գաւառներէ
շուտով
դիմումներ
սկսան
զինքն
առաջնորդ
ուզելու,
եւ
ինքն
ալ
չուզեց
Վոսփորի
ափանց
կապուած
մնացողի
կերպարանն
առնել
վրան:
Նպատակնին
իրականացնելու
մէջ
աւելի
շուտափոյթ
գտնուեցան
Կարնեցիներ,
որոնք
գաւառական
երեսփոխաններու
ստուար
մեծամասնութեան
ստորագրութեամբ
Վեհապետեան
Յարութիւն
եպիսկոպոսը
հրաժարելու
հրաւիրեցին,
եւ
զայն
ստանալով
Օրմանեանը
տեղապահ
ընտրեցին
1880
մարտ
20-ին.
բայց
նոր
ընտրութեան
նախագահելու
համար
հեռուէն
տեղապահ
տանելուն
անյարմարութիւնը
պատրիարքարանի
կողմէն
իրենց
դիտել
տրուելուն
վրայ
ապրիլ
2-ին
առաջնորդ
ընտրեցին,
11-ին
խառն
ժողովը
վաւերացուց,
20-ին
Զատիկն
ըրաւ
Ղալաթիոյ
մէջ,
միւս
կողմէն
հրովարտակն
առնուեցաւ,
կոնդակը
գրուեցաւ,
եւ
մայիս
12-ին
Կ.
Պոլիսէ
մեկնեցաւ,
եւ
29-ին
Համբարձման
օրը
Կարին
մտաւ,
քանի
մը
օր
Տրապիզոն
մնալով
ուղեւորութեան
պէտքերը
կարգադրելէ
ետքը,
զի
մեծամեծ
հեղեղներ
խանգարած
եւ
աւրած
էին
նահանգական
կառուղին:
2857.
ՍՈՎԵԼՈՑ
ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎ
Ռուսութուրք
պատերազմը
(§
2843),
սաստիկ
կերպով
մղուած
էր
Թուրքիոյ
արեւելեան
սահմանագլուխին
վրայ,
անզուսպ
տարրներն
ալ
զէնքի
կոչուած
էին
եւ
պատեհէն
օգտուելով
յափշտակութիւններ
եւ
սպանութիւններ
գործած
էին
համարձակ,
որով
հայ
ժողովուրդը
բաւական
բազմութեամբ
տեղը
թողած
ու
մեկնած
էր
Երեւանի
նահանգը:
Պատերազմի
վերջանալէն
ետքն
ալ
երկիրը
շատուշատ
վնասներ
կրած
էր,
մշակութիւն
եւ
պտղաբերութիւն
վտանգուած
էին,
սիրտերու
մէջ
հանդարտութիւն
չէր
վերանորոգուած,
եւ
անցեալին
ու
ապագային
մտածումները
գաղութը
կը
քաջալերէին
գլխաւորապէս
Կարինի
եւ
Բասենի
ու
Ալաշկերտի
ու
Պայազիտի
դաշտերուն
մէջ,
յուսալով
բարեկեցիկ
վիճակ
մը
գտնալ
սահմանագլուխէն
անդին:
Կարնոյ
առաջնորդ
Յարութիւն
եպիսկոպոս
ջանաց
արգիլել,
Կ.
Պոլիս
ալ
գրեց,
ուր
ապագայ
բարեկարգութեանց
ակնկալութիւնները
զօրացած
էին,
եւ
Հայերուն
պակսիլը
բնաւ
նպատակայարմար
չէր
ըլլար,
ուստի
ամէն
միջոցներ
ձեռք
առնուեցան
գաղթը
արգիլելու:
Օսմանեան
կառավարութեան
դիմումներ
եղան
որ
ամէն
վստահութիւնը
կու
տար,
զի
իրեն
ալ
օգուտին
յարմար
չէր
երկրին
գործունեայ
եւ
արդիւնաբեր
բնակչութեան
պակսիլը:
Ռուսական
կառավարութիւնն
ալ
չուզեց
գաղութը
քաջալերել,
եկողները
ետ
դարձնելու
յայտարարութիւններ
ըրաւ,
եւ
մեկնող
բանակին
զօրավարներ,
որոնց
մէջ
հայազգիներ
ալ
կային,
գաղթականութիւնը
արգիլել
կը
ջանային,
այսուհանդերձ
բաւական
ժողովուրդ
գնաց,
բայց
սպասած
երջանկութիւնը
եւ
ակնկալած
դիւրութիւնները
չգտնելով
սկսաւ
ետ
դառնալ,
որով
խեղճութիւնը
կրկնապատկեցաւ,
վասնզի
դառնալնուն
ոչինչ
գտան
պատրաստ
եւ
կատարեալ
սովի
տագնապին
մատնուեցան:
Խեղճութիւն
եւ
կարօտութիւն
եւ
սովամահ
եւ
կոտորած,
եւ
անոնց
հետեւանօք
աղաչանք,
կողկողանք
ամէն
կողմէ
սկսան
բարձրանալ,
եւ
կեդրոնը
չէր
կրնար
անտարբեր
մնալ,
մանաւանդ
Ներսէս
կարօտութեանց
եւ
նեղութեանց
հանդէպ
աւելի
զգայուն
սիրտ
մը
կը
կրէր:
Անցեալ
տարիներու
մէջ
Փոքրասիոյ
գաւառներ
երաշտութեան
երեսէն
սովի
մատնուած
էին
եւ
Կ.
Պոլիս
հոգածութիւն
պակաս
չէր
ըրած.
հազիւ
այդ
տագնապը
նուազած
էր
ներքսագոյն
գաւառներու
վիճակը
դառնացաւ
եւ
ձեռք
կարկառելու
հարկը
ստիպողական
դարձաւ:
Մայրաքաղաքի
թաղերուն
մէջ
մասնախումբեր
կազմուեցան
նպաստ
հաւաքելու,
մասնաժողով
մըն
ալ
անոնց
արդիւնքն
ամփոփելով
նպատակին
գործածելու:
Բայց
այդ
առաջին
մասնաժողովը
շուտով
ձեռնթափ
եղաւ.
ընդհակառակը
Գատքէօյի
մասնախումբը
հոգւով
եւ
սրտով
գործին
փարեցաւ.
առաջիններուն
հրաժարականը
ընդունեցաւ
Ներսէս,
եւ
1880
յունուար
12-ի
կոնդակով
երկրորդը
կեդրոնական
յանձնաժողով
հռչակեց,
եւ
Կ.
Պոլսոյ
24
թաղական
մասնախումբերը
անոր
յարակցեց
(80.
ՄԱՍ.
2527):
Յանձնաժողովը
կազմակերպողներն
էին
Սերովբէ
Կիւլպէնկեան
եւ
Սահակ
Ղազարոսեան
ատենապետներ,
Պօղոս
Շաշեան
եւ
Գաբրիէլ
Նորատունկեան
ատենադպիրներ,
Աբիկ
Ունճեան
եւ
Գրիգոր
Նիկոդիմոսեան
այցելուներ
կամ
խնամակալներ,
Աբէլ
Կիւլպէնկեան
գանձապետ,
եւ
Գառնիկ
Յովակիմեան
համարակալ,
որոնց
անունները
կը
յիշենք
ի
պատիւ
իրենց
բազմաշխատ
եւ
խոհական
արդիւնաւորութեան,
զի
իրաւամբ
կրնանք
ըսել
թէ
բոլոր
նախընթաց
նպաստամատոյց
մարմիններու
գործերէն
ընդարձակագոյն
եւ
օգտակարագոյն
եղաւ
իրենց
արդիւնքը
եւ
39,
000
ոսկւոյ
հասուցին
իրենց
հանգանակութիւնը
(86.
ԱՐՇ.
659):
Նպաստ
հաւաքելու
համար
չամփոփուեցան
մայրաքաղաքին
մէջ,
այլ
ուր
ուրեք
հայ
կը
գտնէին
նուէր,
մինչեւ
Ամերիկա
եւ
Հնդկաստան
եւ
Ճավա
իրենց
դիմումները
հասուցին,
ազգային
շրջանակէն
ալ
դուրս
ելան
եւ
օտարազգիներու
դուռերն
ալ
բախեցին,
կառավարական
շրջանակներուն
ալ
ներկայացան,
կայսերական
գթութիւնն
ալ
հայցեցին,
մինչեւ
իսկ
եւրոպական
վեհապետներէն
ալ
նպաստներ
խնդրեցին
եւ
ստացան:
Ներսէս
պատրիարք
իրենց
հովանաւորն
էր,
եւ
անոնց
առաջարկներուն
վրայ
բարձրագոյն
տեղեր
իր
անունով
դիմումներ
կը
կատարուէին:
Աբիկ
Ունճեան
իր
Գատըքէօյի
ընդարձակ
տունը
իբրեւ
պաշտօնատուն
տրամադրած
էր,
ուր
գիշերով
ցորեկով
կը
շարունակէին
ժողովական
գումարումները,
եւ
չափազանցած
չենք
ըլլար
եթէ
ըսենք
թէ
մինչեւ
1882-ի
սկիզբները
երկու
տարի
շարունակ
մնայուն
գումարում
մըն
էր
յանձնաժողովին
գործունէութիւնը:
Իրենց
խոհականութեան
մի
նշանաւոր
կէտը
կը
կազմէր,
հասած
տեղեկութիւնները,
եղած
թախանձանքները,
ցուցուած
պէտքերը
մի
առ
մի
կշռելով
եւ
կշռադատելով
աւելորդ
եւ
անպէտ
ծախքերու
առիթ
չտալ,
եւ
խաբեպատիր
դիմումներու
ասպարէզ
չբանալ,
եւ
այնպէս
գործածել
նպաստները,
որ
առօրեայ
սնունդին
հետ
մնայուն
օգուտն
ալ
միանայ:
Այդ
նպատակով
հաստատուն
ձեռնարկներ
ալ
զանց
չըրին,
վարժարաններու
օգնեցին,
հողագործական
միջոցներ
հայթայթեցին,
նորանոր
մշակութիւններ
պատրաստեցին,
զանազան
արհեստներ
քաջալերեցին,
եւ
երկրագործներուն
աշխատութիւնը
դիւրացուցին
կենդանիներ
եւ
գործիքներ
փոխատուութեան
ձեւին
ներքեւ
յանձնելով,
զի
չէին
ուզեր
որ
անաշխատ
նպաստը
վտանգաւոր
դատարկապորտութեան
եւ
մուրացիկ
ստորնութեան
ծառայէր:
Իրենց
գործունէութեան
ընդարձակագոյն
ասպարէզը
Վանայ
նահանգը,
եւ
անկէ
ետքը
Պայազիտի
գաւառն
եղան,
բայց
ուրիշ
կողմեր
ալ
անմասն
չմնացին
անոնց
նպաստներէն,
նոյն
իսկ
Փոքրասիոյ
նեղուած
գաւառները:
Գլխաւորաբար
կարօտ
հայն
էր
իրենց
նպատակը,
բայց
հայուն
դրացի
ուրիշ
ազգերէ
կարօտեալներն
ալ
հաւասարապէս
խնամուեցան,
անօթիին
հացին
հետ
ուրիշ
պէտքեր
ալ
հոգացին:
Վանայ
ձեռնարկներուն
մէջ
յիշուելու
արժանի
են
Վարագայ
նոր
հիմնուած
երկրագործական
վարժարանը,
Սալախանէ
գիւղին
ստացութիւնը
իբր
տնանկ
գաղթականներու
բնակավայր,
Վանայ
եւ
Աղբակու
դպրոցները:
Վանայ
մէջ
Խրիմեանն
էր
բոլոր
նպաստներուն
գործածութեան
նախագահը,
Կարնոյ
մէջ
Օրմանեան
եղաւ
երկու
կողմերէ
յարաբերութեանց
եւ
առաքմանց
միջնորդը,
զի
դեռ
կը
պակսէին
Կարինէ
անդին
ներքին
գաւառներու
հետ
ուղղակի
յարաբերութիւնները:
Այս
ընդհանուր
գիծերը
բաւական
ըլլան
յանձնաժողովին
գործունէութեան
մասին
գաղափար
մը
տալու,
որը
բիւրաւոր
կեանքեր
ազատեց
սովին
ճիրանէն,
օգտակար
հետքեր
թողուց
ներքին
գաւառներու
մէջ,
եւ
պահեստի
գումար
մըն
ալ
աւելցուց
երբ
գործէ
քաշուեցաւ,
որով
նշանաւոր
կալուած
մը
գտնուեցաւ
Կ.
Պոլսոյ
մէջ,
եւ
հասոյթը
որբանոց
արհեստանոցի
յատկացուեցաւ:
Յանձնաժողովին
գործունէութիւնը
յատուկ
կերպով
պատկերացած
է
1884-ին
Օրմանեանի
խմբագրութեամբ
կազմուած
տեղեկագիրով,
որ
1886
մարտին
տպագրուեցաւ
(86.
ԱՐՇ.
658),
եւ
ընդարձակ
ամփոփում
մըն
ալ
քաղուեցաւ
(86.
ԱՐՇ.
659):
2858.
ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ԽՆԴԻՐ
Երբոր
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքն
ու
պատրիարքարանը
հանրութեան
խնդիրներով
կը
զբաղէին,
նոր
խնդիրներ
միտք
յոգնեցնելու
ստիպեցին:
Կիլիկիոյ
կաթողիկոս
Մկրտիչ
Քէֆսիզեանի
տարօրինակ
ընթացքին
պատճառով
տեղի
ունեցած
ընդունայն
բանագնացութիւնները
Ռուսութուրք
պատերազմին
ժամանակ
ընդհատուած
էին
(§
2839),
բայց
խաղաղութենէն
ետքը
պէտք
կ՚ըլլայ
նորէն
ձեռք
առնել:
Այն
տասը
դիտողութիւնները,
զորս
1876
մայիս
17-ին
պաշտօնագիրին
դէմ
ներկայացուցեր
էր,
թէպէտ
կեդրոնէն
մերժուած,
սակայն
իր
կողմէն
իբր
հարկ
կ՚ըլլայ
1880
յուլիս
9-ին
գրութեամբ
(ԻԶՄ.
1123-1130)
բացարձակ
եւ
յստակ
կերպով
յայտարարել,
թէ
իր
առարկութիւնք
երկրորդ
ազգային
պատրիարքարան
մը
բանալ
կը
ձգտէին
տուած
խոստմնագիրին,
եւ
զոր
անվերադառնալի
եւ
անտնօրինելի
կերպով
մերժած
է
ազգը,
եւ
չի
կրնար
երբեք
միտք
փոխել,
ուստի
ցաւով
կը
յայտարարուի
թէ
անիշխանութեան
ժամանակէն
յոռի
(ԻԶՄ.
1128)
վիճակին
մէջ
կը
գտնուի
կաթողիկոսութիւնը,
թէ
ինքն
Մկրտիչ
աթոռը
լքած
աստ
անդ
կը
թափառի
տասը
տարիներէ
ի
վեր,
թէ
գլխաւոր
վիճակներ,
Հալէպ,
Մարաշ,
Այնթապ,
Եոզդատ,
Անտիոք,
Կիւրին,
Տիվրիկ,
թափուր
եւ
առանց
առաջնորդի
կը
մնան
(ԻԶՄ.
1126),
եւ
վարչութիւնը
կը
պարտաւորուի
անգամ
մըն
ալ
իր
բացարձակ
որոշումը
հաղորդել,
որ
կամ
պէտք
է
Կիլիկիոյ
համար
պատրաստուած
կանոնագիրին
հպատակի,
եւ
կամ
իր
հակառակ
կամքը
յայտնէ,
որուն
հետեւանքը
պիտի
ըլլայ
անխուսափելի
վճիռը
(ԻԶՄ.
1130):
Մկրտիչ
այդ
բացարձակ
որոշման
դէմ
նոր
ոյժ
մը
ճարելու
համար
իր
կաթողիկոսութեան
մէջ
նորինորոյ
ընդհանուր
ժողով
մը
կը
կազմէ
թեմական
անունով
(ԻԶՄ.
1132),
եւ
իւրաքանչիւր
վիճակէ
համեմատաբար
մէկէ
վեց
ներկայացուցիչներ
կը
հրաւիրէ
սեպտեմբեր
1-ի
շրջաբերականով,
եւ
ժողովը
կը
բանայ
Սսոյ
մէջ
հոկտեմբեր
15-ին
41
անդամոց
ներկայութեամբ.
Կիլիկիոյ
վիճակներուն
խեղճութիւնը
կը
յիշէ,
եւ
պատճառ
կը
ցուցնէ
Կիլիկեցւոց
անփութութիւնը
եւ
կեդրոնի
միջամտութիւնը,
զանց
ընելով
յիշել
իր
անհոգ
ու
անտարբեր
եւ
թափառաշրջիկ
եւ
խառնակիչ
ընթացքը:
Սիս
հաւաքուած
ներկայացուցիչներ
առանց
երկար
խօսակցութեանց
կը
ստորագրեն
իրեն
ներկայած
գրութիւնը,
որուն
յառաջաբանին
մէջ
կը
խօսուէր
Կիլիկիոյ
կարօտութեանց
վրայ,
դարմանին
հոգածութիւնը
կեդրոնական
վարչութեան
կը
յանձնուէր,
եւ
իբր
անհրաժեշտ
պայմաններ
վեց
յօդուածներ
կ՚առաջարկուէին:
1.
Կաթողիկոսութեան
բոլոր
եկեղեցական
պաշտօնէից
սահմանադրապէս
ընտրութիւնը
եւ
պաշտօնանկութիւնը
կաթողիկոսին
թողուլ,
որուն
ազդարարութեան
վրայ
կեդրոնը
կառավարութենէն
պաշտօնական
գիրեր
ձեռք
պիտի
բերէ,
կաթողիկոսին
կը
թողուէին
նաեւ
բոլոր
սահմանադրական
ժողովները
կազմել
եւ
անոնց
որոշումները
վաւերացնել:
2.
Կիլիկիոյ
եւ
կեդրոնին
միակ
միջնորդը
կաթողիկոսը
պիտի
ըլլար,
եւ
ամէն
դիմումներ
անոր
պիտի
ըլլային,
եւ
ամէն
յարաբերութիւն
անոր
ձեռքով
պիտի
կատարուէր:
3.
Կեդրոնը
1,
500
ոսկի
պիտի
հայթայթէր
Սսոյ
կաթողիկոսարանի
նորոգութեան,
որուն
համար
500
ոսկի
ալ
Կիլիկիոյ
թեմերը
պիտի
ընձեռէին:
4.
Սսոյ
աթոռը
պիտի
ունենար
60
հոգւոյ
միաբանութիւն
մը,
1
կաթողիկոս,
4
եպիսկոպոս,
8
վարդապետ,
4
սարկաւագ,
8
դպիր
եւ
15
միաբան.
միանգամայն
իւրաքանչիւր
երեք
տարի
գումարուելիք
թեմական
ընդհանուր
ժողով
մը,
որուն
անդամ
պիտի
ըլլային
աթոռին
մէջ
ներկայ
միաբան
եպիսկոպոսներ
եւ
վարդապետներ,
եւ
վիճակներու
կրօնական
եւ
քաղաքական
ժողովոց
ատենապետներ,
եւ
անշուշտ
առաջնորդներ
ալ
թէպէտ
յիշուած
չեն.
աթոռին
մէջ
պիտի
կազմուէին
նաեւ
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքարանին
ունեցած
բոլոր
ժողովներն
ու
խորհուրդները:
5.
Աթոռին
մէջ
25
գիշերօթիկ
վարժարան
մը
պահելու
եւ
ուրիշ
ծախուց
համար
կեդրոնը
պարտաւոր
պիտի
ըլլար
կամ
պետական
գանձէն
իբր
150
ոսկւոյ
ամսական
սահմանել
տալ,
կամ
թէ
ինքը
տարեկան
1,
500
ոսկւոյ
եկամուտ
մը
ապահովել
որ
եւ
է
պատուաւոր
կերպով,
կամ
Կիլիկիոյ
վիճակները
աւելցնելով:
6.
Կիլիկիոյ
աթոռին
պատիւը
պահելու
համար
կեդրոնը
բարձրագոյն
դուռէն
քաղաքական
առանձնաշնորհութիւն
մը
ձեռք
պիտի
բերէ
յանուն
կաթողիկոսութեան:
Թեմական
ժողովոյ
տեղեկագիրը
կ՚աւելցնէր
թէ
այդ
պայմաններով
ամենայն
ինչ
կարգադրելու
համար
խնդրած
է
կաթողիկոսէն,
եւ
նա
ալ
յանձնառու
եղած
է
անձամբ
Կ.
Պոլիս
երթալ
եւ
կեդրոնին
հետ
պէտք
եղածը
գործել
եւ
գործադրել
տալ
(ԻԶՄ.
1134-1146):
Քէֆսիզեան
այսպէս
իր
գործողութեանց
ծրագիրը
պատրաստելով,
եւ
իր
թելադրած
թեմական
տեղեկագիրը
իրեն
իբր
ոյժ
առնելով,
առանց
նախապէս
բանակցութեան,
1880
նոյեմբեր
23-ին
Կ.
Պոլիս
կը
հասնի,
եւ
պատրիարքարանի
կարգադրութեամբ
Ղալաթիոյ
Ս.
Լուսաւորիչ
եկեղեցւոյ
ժամատունը
կ՚իջեւանի:
Մկրտիչ
Սիսէ
չմեկնած,
առանց
կեդրոնի
գիտակցութեան,
Յովհաննէս
Բէքմէզեան
եւ
Ստեփանոս
Ոսկերիչեան
վարդապետները
եպիսկոպոս
ձեռնադրած
էր`
Կիրակոս
եւ
Միքայէլ
անուններով
(ԻԶՄ.
1175),
իսկ
Կ.
Պոլիս
գալուն
իրեն
կ՚ընկերանար
իր
ձեռնասունն
ու
հաւատարիմ
գործակից
եւ
քարտուղար,
Ներսէս
Մանիսալեան
վարդապետը,
նոյն
ինքն
որ
յետոյ
Մկրտիչ
Վեհապետեան
եպիսկոպոսն
եղաւ,
իսկ
ժողովուրդին
բերանը
Գաճաճ
վարդապետ
անունով
կոչուեցաւ:
Իսկ
պատրիարքարանի
մէջ
իբրեւ
ամիս
մը
առաջ
հաստատուած
էր
վարչական
խորհուրդի
ձեւը
հոկտեմբեր
31-ին,
եւ
կրօնական
գործոց
խորհրդական
էր
Մատթէոս
եպիսկոպոս
Իզմիրլեան
(§
2853),
եւ
կրօնական
ատեանին
ատենապետն
էր
Կարապետ
եպիսկոպոս
Սերոբեան
(ԻԶՄ.
1177):
2859.
ՔԷՖՍԻԶԵԱՆ
Ի
ԿՈՍՏԱՆԴՆՈՒՊՈԼԻՍ
Մկրտիչ
առանց
ատեն
անցնելու
1880
նոյեմբեր
30-ին
կը
ներկայանայ
վարչական
խորհուրդին,
եւ
ինքն
ալ
կը
խոստանայ
իր
թեմական
ժողովին
տեղեկագիրը
ներկայել,
թէպէտ
առժամապէս
պէտք
եղածը
կը
յանձնուի
կրօնական
խորհրդականի
եւ
ատեանի,
իսկ
ինքը
միայն
դեկտեմբեր
17-ին
կը
յղէ:
Ղալաթիոյ
թաղականն
ալ
դեկտեմբեր
5-ին
հրահանգ
խնդրած
էր
թէ
ինչպէս
պիտի
վարուի
եթէ
կաթողիկոսը
պատարագել
փափաքի,
եւ
պատրիարքարանը
ա'յն
ալ
կրօնական
խորհրդականի
եւ
կրօնական
ատեանի
յանձնած
էր
ուսումնասիրել
եւ
պատշաճը
ցուցնել:
Թեմական
տեղեկագիրը
չհասած
ալ
խորհրդական
եւ
ատեան
իրենց
պատասխանը
կը
փութացնեն
դեկտեմբեր
10-ին:
Պատարագին
համար
կ՚ըսեն
թէ
քանի
որ
Աղթամարայ
եւ
Սսոյ
կաթողիկոսութեանց
դիրքերը
նոյն
են,
Մկրտիչ
ալ
պարտի
նախապէս
պատրիարքարանէ
առաջարկուած
հինգ
կէտերը
ստորագրել,
եւ
յետոյ
համարձակ
պատարագել,
ինչպէս
Խաչատուր
ալ
ըրաւ
(§
2838):
Ըստ
այսմ
նոյն
հինգ
յօդուածները
վեցերորդի
մը
յաւելուածով
կը
ներկայեն
որ
Մկրտիչ
ստորագրէ:
Յիշատակուած
հինգ
յօդուածներն
էին,
1.
Հպատակութիւն
Էջմիածնայ
Մայրաթոռին,
2.
Պատարագի
եւ
ժամերգութեան
մէջ
Կիլիկիոյ
կաթողիկոսէն
առաջ
Ամենայն
Հայոց
կաթողիկոսը
յիշել,
3.
Կեդրոնի
հաւանութեամբ
միայն
եպիսկոպոս
ձեռնադրել,
4.
Առանց
կեդրոնի
հաւանութեան
իր
եկեղեցականները
իր
սահմաններէն
չհանել,
5.
Միւռոնը
միայն
իր
վիճակներուն
համար
օրհնել.
իսկ
նոր
աւելցուցած
վեցը
կըսէ
լոկ
կաթողիկոս
տանն
Կիլիկիոյ
տիտղոսը
գործածել
(ԻԶՄ.
1177-1180):
Կրօնական
խորհրդականն
ու
ատեանը
դիտողութիւն
ըրած
էին
Մկրտիչի
գործածած
վարդապետ
Երուսաղէմի
եւ
եպիսկոպոս
Էջմիածնի
եւ
կաթողիկոս
Կիլիկիոյ
(ԻԶՄ.
1241)
ստորագրութեան
վրայ,
եւ
սխալ
կը
գտնէին
այդ
բացատրութիւնները
եւ
աւելորդ
անուններու
կիրառութիւնը.
դիտողութիւն
ըրած
էին
նաեւ
Մկրտիչի
գործածած
մանուշակագոյն
վեղարին
համար,
եւ
զայն
հակառակ
կը
գտնէին
ընկալեալ
եւ
ընդհանուր
կիրառութեան
եւ
օտար
վեղարին
խորհրդական
նշանակութենէն,
եւ
կ՚առաջարկէին
սեւի
փոխել
տալ:
Կը
յիշեցնէին
նաեւ
առանց
կեդրոնի
գիտակցութեան
եպիսկոպոսական
ձեռնադրութիւն
կատարած
ըլլալը,
որ
հակառակ
էր
առաջարկեալ
պայմաններէն
երրորդին
(ԻԶՄ.
1165-1180):
Ներսէս
անմիջապէս
կը
հաստատէ
առաջարկուած
տեղեկագիրը
եւ
11-ին
պաշտօնագիրով
մը
կը
հաղորդէ
Մկրտիչի,
առաջարկելով
ստորագրել
զվեցեսին
պայմանս
եւ
ի
բաց
թողուլ
զգործածութիւն
մանուշակագոյն
վեղարի
եւ
տարականոն
ստորագրութեան
(ԻԶՄ.
1182),
եւ
ուրիշ
գրով
մըն
ալ
Մատթէոս
եւ
Կարապետ
եպիսկոպոսները
կը
ներկայացնէ
պէտք
եղած
բանակցութիւնները
կատարելու
(ԻԶՄ.
1184):
Անոնք
իրենց
պաշտօնը
կը
լրացնեն,
պաշտօնագիրները
կը
ներկայացնեն
եւ
բացատրութիւններ
կու
տան,
որոնց
Մկրտիչ
առարկութիւններ
կը
դիմադրէ.
զոր
եւ
կը
յղէ
դեկտեմբեր
22-ին
(ԻԶՄ.
1185-1199):
Առաջին
կէտը,
այսինքն
պայմանները
ստորագրել
բացէբաց
կը
մերժէ,
Սսոյ
աթոռը
վեցդարեան
մի
ազգային
աթոռ
եւ
կաթողիկոսութիւն
է
կըսէ
եւ
5-6
եկեղեցականէ
բաղկացեալ
ատեան
մը
կարող
չէ
նոր
պայման
առաջարկել
(ԻԶՄ.
1189):
Եկեղեցւոյ
միութեան
խնդիրը
խանգարող
Գէորգ
կաթողիկոսը
կը
ցուցնէ
որ
նոյն
իսկ
Էջմիածնայ
առաջին
կաթողիկոսներէ
ճանչցուած
աթոռ
մը
հակաթոռ
եւ
ընդվզեալ
եւ
հեստեալ
կը
հռչակէ
եւ
անոր
ժողովուրդը
մեռեալ
կը
նկատէ
(ԻԶՄ.
1168):
Իսկ
եթէ
յարաբերութիւններ
ճշդել
պէտք
ըլլայ,
Փիլիպպոսի
եւ
Ներսէսի
ժամանակ
եղածին
նման
(§
1689)
երկոցունց
ներկայութեամբ
պիտի
լինի
կ՚ըսէ.
եւ
զինքն
պատրաստական
կը
ցուցնէ
այդ
ձեւին
(ԻԶՄ.
1192):
Ստորագրութեան
մասին
կը
պատասխանէ
թէ
երբեք
Երուսաղէմի
ուսուցիչ
եւ
Էջմիածնի
տեսուչ
ըլլալու
գաղափարը
ունեցած
չէ,
այլ
միայն
Երուսաղէմէն
վարդապետ
եւ
Էջմիածնէն
եպիսկոպոս
ձեռնադրուած
ըլլալու
իմաստով
կը
գործածէ
այդ
ձեւը
(ԻԶՄ.
1194):
Մանուշակագոյն
վեղարի
մասին
ալ
կը
դիտէ,
թէ
քանի
որ
գոյնզգոյն
ծաղկեայ
փիլոններ,
եւ
ճերմակ
փիլոն
ու
վեղար,
եւ
վեղարին
ճակատը
ականակուռ
խաչ
գործածել
կը
ներուի,
եւ
վեղարին
ու
փիլոնին
մեռելութեան
նշանակութիւնը
չկորուսիր,
իրեն
մանուշակագոյն
վեղարը
պէտք
չէր
դիտողութեան
նիւթ
ընել
(ԻԶՄ.
1196):
Կ՚ըսուի
նաեւ
թէ
մանուշակագոյն
վեղարի
օրինակ
բերած
ըլլայ
Կիլիկիոյ
կաթողիկոսի
անունն
առնող
Աբրահամ
Արծիւեանը:
Իսկ
սպիտակ
վեղարին
խօսքն
ալ
Ներսէս
Աշտարակեցիի
ակնարկելով
ըսած
է.
սակայն
Ներսէս
սպիտակ
վեղար
գործածած
չէ.
մանուշակագոյն
վեղարը
կաթոլիկ
Արծիւեանը
գործածած
է
Հռոմի
մէջ,
եւ
փիլոնն
ալ
աբեղայական
վեղարին
հետ
յարաբերութիւն
չունի,
այլ
յատուկ
քահանայական
զգեստ
է:
Մկրտիչ
իր
պատասխանին
վերջը
կը
յարէր
թէ
շատ
աւելի
կարեւոր
են
թեմական
տեղեկագիրին
կէտերը
Հայ
եկեղեցւոյ
եւ
Կիլիկիոյ
աթոռին
պայծառութեան
համար,
ուստի
պատրիարքարանը
թող
ջանայ
անոնք
յիրականութիւն
վերածել
(ԻԶՄ.
1198):
Այս
մասին
եղած
են
Մկրտիչի
ձայնակիցներ,
թէեւ
Կիլիկեցիներու
մէջէն,
որոնք
յաւակնութիւն
կը
կարծեն
պատրիարքարանի
դիտողութիւնները
վեղարի
եւ
ստորագրութեան
մասին
հրահանգ
եւ
ձեւակերպութեան
դասեր
կարդալը
(95.
ԱՔՍ.
126):
Սակայն
միւս
կողմէն
պատրիարքարանի
գործողութիւններն
ալ
իրենց
պաշտպաններն
ունին,
եւ
գլխաւորապէս
նոյն
ինքն
կրօնական
խորհրդականը,
որ
երկարօրէն
կը
պատճառաբանէ
Մկրտիչի
պատասխանագիրին
ամէն
մասերը
հերքելու
(ԻԶՄ.
1199-1223):
Մանուշակագոյն
վեղարի
մասին
եղած
խորհրդակցութեանց
միջոցին
Մկրտիչ
յիշած
կ՚ըլլայ
նաեւ
վեղարաւորներու
գործածած
փակեղին
վերի
մասին
մանուշակագոյն
ըլլալը,
եւ
այս
դիտողութեան
վրայ
Ներսէս
իսկոյն
ամբողջ
սեւ
փակեղ
գործածելու
կը
սկսի,
եւ
անոր
հետեւողութեամբ
սեւ
փակեղի
կիրառութիւնը
հետզհետէ
կ՚ընդարձակուի
մայրաքաղաքի
վեղարաւորներուն
մէջ:
Մկրտիչին
դառնալով`
երբ
կը
տեսնէ
որ
կեդրոնը
կարեւորութիւն
չի
տար
իր
առաջարկներուն
եւ
միշտ
Կիլիկիոյ
աթոռը
Կ.
Պոլսոյ
վարչութեան
ենթարկելու
հետամուտ
է,
եւ
կաթողիկոսութիւնը
իսկապէս
վանահայրութեան
փոխարկել
կը
ջանայ,
կը
սկսի
ծայրայեղ
միջոցներու
դիմել,
առանց
մտածելու
որ
երբ
արտաքին
երեւոյթով,
թէ
ոչ
վեցդարեան
գոնէ
դարաւոր
աթոռին
իրաւունքները
պաշտպանել
կը
ցուցնէր,
իսկապէս
ազգային
եկեղեցւոյն
մէջ
բաժանման
խրամատները
կը
պատրաստէր,
եւ
ինչ
որ
թերեւս
իրմէ
առաջուան
ժամանակին
համար
չէր
արդարանար,
Սսոյ
աթոռը
Գէորգի
հետ
հակաթոռ
եւ
հեստեալ
եւ
ընդվզեալ
կոչել,
իրականութիւն
դառնալ
կը
սկսէր
իր
այդ
ընթացքով:
Թեմական
տեղեկագիրին
վերջին
յօդուածը
որ
բոլորին
լրումն
էր,
Կիլիկիոյ
աթոռին
բացառիկ
դիրք
մը
ստեղծելով
կառավարութեան
առջեւ
իբրեւ
տարբեր
եւ
անկախ
Պատրիարքարանի
վերածել,
պետական
շրջանակներու
ալ
անհաճոյ
գաղափար
մը
չէր,
մանաւանդ
Պերլինի
դաշնագիրէն
ետքը
երեւան
եկած
նոր
խնդիրներու
տեսութեամբ,
զի
հայ
ազգութիւնը
բաժնել
եւ
պառակտել
զայն
իսկապէս
տկարացնել
ըսել
էր:
Մկրտիչ
կանուխէն
սկսած
էր
իրեն
նպատակին
գործածել
այդ
տեսութիւնները,
աւելցնելով
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքութեան
Էջմիածնայ
կաթողիկոսութեան
հետ
ունեցած
յարաբերութիւնները,
հպատակութեան
կապը
եւ
փոխանորդութեան
կերպարանը,
եւ
զայն
իբր
ռուսական
ազդեցութեան
միջնորդ
ցուցնելով`
իրեն
փափաքած
անկախութիւնը
հաւատարմութեան
նշանակ
կարծեցնել: