Ազգապատում. հատոր Գ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

2885. ԳԷՈՐԳԻ ԱՐԺԱՆԻՔԸ

Կոստանդնուպոլսեցի Գէորգ Քէրէստէճեանի գործունեայ կեանքէն բաւական բան գրած ենք թէ պատրիարքութեան եւ թէ կաթողիկոսութեան եւ թէ միջանկեալ տարիներու ատենէն, բաւական մանրամասնութեանց ալ մտած ենք, աննախանձ պատմած ենք արդիւնքները, անկաշկանդ յառաջ բերած ենք իրեն մասին խօսուած մեղադրանքը, զոր գովաբանն ալ կը ճանչնայ, թէ ժամանակակից սերունդը չկարողացաւ ըստ արժանւոյն գնահատել նրան (ԱԲՂ. 91): Փակուած շիրմին առջեւ մենք ալ պիտի յայտարարենք թէ իրօք յաջորդ սերունդը տարբեր գաղափար կազմած է անոր վրայ, եւ այժմ Գէորգ արժանաւոր եւ արդիւնաւոր կաթողիկոսի համբաւը կը վայելէ ազգին մէջ: Այդ երեւոյթին բացատրութիւնն ալ դժուար չէ: Ինչ որ Գէորգի լաւ կողմերը կը կազմեն հաստատուն եւ մնայուն բաներ են, ճեմարանը, թանգարանը, Օշականը, ուսումնական զարկը, բարեկարգական ջանքը, ելեւմտական կարգը, ծիսական փայլը, կարգապահական ճիգը, որոնք կայուն վիճակ մը ունեցան: Հիմը հաստատուն էր, հետեւանքն ալ յարաճուն է: Իսկ ինչ որ իրեն վրայ մեղադրելի խօսուեցաւ, ազգային սահմանադրութեան չհամակերպիլը, Երուսաղէմի անցքերուն մէջ վարած դերը, հայկական խնդիրէն չհրապուրուիլը, սովելոց նպաստելու պաղութիւնը, Մայրաթոռին մէջ անձնահաճ ընթացքը, նորահասներէ գործիքներ պատրաստելու դիտումը, ամէնն ալ անցաւոր պարագաներ էին, որոնք իրենց ժամանակին դժգոհութիւն պատճառեցին, վիրաւորուողներու դժկամակութիւնը յուզեցին, բայց առիթը անցնելէն եւ կացութիւնը փոխուելէն ետքը հետք չթողուեցին, եւ մոռացութեան հետ ալ աննպաստ զգացումները ջնջուեցան: Այս երեւոյթը սովորական է, եւ անոր մեծագոյն պատճառը մահն է. մահը իրեն հետ կը տանի զգացումները, իսկ գործնական եւ նիւթական արդիւնքները դրական են եւ տեւական կը մնան, ասոնք կը խօսուին, անոնք կը մոռցուին, մեռնողներ այլեւս տարբեր տեսակէտով կը ներկայանան մնացողներուն աչքին, եւ բամբասանքը եւ մեղադրանքը կը դադրի եւ անձը սիրելի եւ յարգելի կը դառնայ: Այս երեւոյթը ամէնօրեայ է, եւ ամէն մարդ զայն փորձառութեամբ ալ կը զգայ երբ իր յարաբերութեանց վրայ ուշադրութիւն կը դարձնէ. Գէորգի վրայ ալ ճշմարտուեցաւ որ իսկական եւ իրական արդիւնքներ եւ յիշատակներ թողուց իր ետեւէն եւ մոռցուեցան իրեն մասին խօսուածները: Այս փոփոխութիւնը աւելի եւս զօրացած կը գտնենք դիտելով որ մեղադրանքի նիւթ կազմող իրողութիւններ ժամանակով փոխուեցան եւ մեղմանալ սկսան. ազգային սահմանադրութիւնը կեղակարծ հետեւանքներու տեղի տուաւ, Երուսաղէմի խնդիրը չմնաց ինչ որ էր եւ նոր կնճիռներ ստեղծեց, հայկական խնդիրը ձախող առումներու եւ անխորհուրդ ձգտումներու առիթ ընծայեց, սովելոց տագնապը համառօտ շրջանով փակուեցաւ, միաբաններու հանդէպ ընթացքը ուրիշ կողմէ զեղծումներ եւ անտեղութիւններ խափանեց, եւ այս հետեւանքով զգացումներն ալ փոփոխուեցան: Արդիւնքներուն մասին դիտողութիւններն ալ ինքնին մեղմացան. եթէ ճեմարանը այն ատեն եկեղեցական չտուաւ, ընդհանուր զարգացման նպաստեց եւ ապագայ եկեղեցականներու գետին պատրաստեց, եթէ թանգարանին գմբէթները ճարտարապետութեան համաձայն չեղան, թանգարանի գոյութիւնը օգտակար եղաւ, եթէ Ամատունիի գերեզմանը մոռցուեցաւ, Մեսրոպի գերեզմանը փառաւորեցաւ, եւ այս պարագաներուն մէջն ալ առաւելագոյն օգուտը նուազագոյն թերին ընկղմեց: Այսպէս Գէորգի անունը որ կենդանութեան ատեն, եւ մանաւանդ կեանքին վերջին մասին մէջ դիտողութեանց տեղի տուած էր, հալոցէն անցած ոսկիին նման վրայի աղտերէն սրբուելով փայլուն եւ ցայտուն կերպարան առաւ իր մահուանէն ետքը, եւ այսօր Գէորգի անունը անհակառակ լաւագոյն եւ ընտրելագոյն կաթողիկոսներուն մէջ տեղ մը գրաւած է: Անմիջապէս իր մահուան օրէն սկսաւ Ներսէս Ե. զուգակից դասուիլ (82. ԱՐՁ. 621), թէպէտ Ներսէս շինարար եւ բարեկարգիչ արդիւնքներու վրայ ժողովրդական եւ ազգային արդիւնքներու առաւելութիւններն ալ ունէր, որոնք Գէորգի արդիւնքներուն մէջ չփայլեցան:

  2886. ՄԱՀՈՒԱՆԷ ԵՏՔԸ

Գէորգի մահուանէ ետքը աթոռոյ պարապութեան միջոցը շատ երկարեցաւ ինչպէս պիտի պատմենք, զի հազիւ 1885 նոյեմբեր 10-ին նոր գահակալը աթոռ բարձրացաւ, երեք տարի ետքը, ուստի տակաւին շատ բաներ ունինք պատմելու Գէորգի անունով մակագրուած հատուածին ներքեւ. ինչպէս սովորութիւն ըրինք` աթոռոյ պարապութեան ժամանակին գործերը նախորդին անունին ներքեւ պատմել, արդէն անոր անունն ալ իբր հանգուցեալ կը յիշատակուի եկեղեցական պաշտամանց մէջ: Ընդհանուր պատմութեան կարգին քանիցս խառնած ենք փոքր միջադէպներու յիշատակութիւններ որոնք մեր տեսութեամբ շատ պարագաներ կը լուսաբանեն, եւ այսպէս կը կարծենք հետեւեալն ալ: Հայոց եկեղեցիներ միակ մեծ վարագոյր մը ունին պատարագամատոյց խորանը ծածկելու: Կաթոլիկ հայեր սկսած են երկրորդ փոքր վարագոյր մըն ալ աւելցնել լոկ սեղանը ծածկելու չափ, ուսկից առնելով նոյնը աւելցուցին մայրաքաղաքին հայ եկեղեցիները: Գէորգ կաթողիկոս առանց ծիսական հետազօտութեանց մտնելու, նոյնը հաստատած էր Էջմիածնի Մայրտաճարին մէջ, կարծելով պակաս մը լրացնել: Հին աւանդութեանց պահապան միաբաններ չէին կրցած ընդդիմանալ Գէորգի բուռն կամքին, սակայն մահուան օրն իսկ առաջին գործերէն մին կ՚ըլլայ փոքր վարագոյրը խլել վերցնել, որ այլ եւս վերանորոգուած չէ: Գէորգ 315, 000 ռուբլու գումար մը ապահոված էր իբր անձեռնմխելի դրամագլուխ ճեմարանի համար, բայց նկատողութեան արժանի կէտ մը եղաւ որ անձնական ուրիշ գոյք երեւան չեկաւ: Թաղման արարողութենէն ետքը, դեկտեմբեր 14-ին, կաթողիկոսարանի գոյքը եւ կաթողիկոսի թողօնը ցուցակագրել սկսան, բայց միայն 67 ռուբլի 80 կոպէկ գտնուեցաւ պահարանին, եւ 3 ռուբլի 70 կոպէկ ալ գրպանին մէջ, արժէքաւոր իրեր ալ շատ փոքր թուով, մինչ կը սպասուէր բաւական գումար եւ բաւական արժէքաւոր իրեր գտնել կաթողիկոսին մօտ, որ ձեռքին ներքեւ բաւական դրամ պէտք էր ունեցած ըլլար, իր բնաւորութեան եւ ճոխ կերպերուն նայելով (82. ԱՐՁ. 684): Գէորգի գահակալութեան ատեն 1867-ին ցուցակագրութեամբ տրուած արծաթեայ եւ ուրիշ թանկագին առարկաներէն, եւ 15 տարիներու մէջ ստացած ընծաներէն մի տասներորդ բաժինն ալ չերեւցաւ, այլ կտակ մը ելաւ թէ ինքն փող չէ գումարած, այլ միշտ բաժնած է ազգականաց, գործավարաց, եկեղեցեաց, եւ ուսումնարանաց (83. ՓՆՋ. 1738), որ կը վերջանար ըսելով թէ ոչ մի ինչ ի դրամական գոյից իմոց չէ մնացեալ ալ իս, եւ չէ իմ եւ ոչ գումար մի: Կտակը 1882 սեպտեմբեր 22 թուական ունէր, սակայն ոչ ոք կ՚ուզէր հաւատալ այնպիսի մի շինծու կտակին (83. ՓՆՋ. 1740): Իսկոյն կասկածը դարձաւ Մանկունիի վրայ, իբրեւ հանգուցելոյն կողոպտողը, զի բաւական ժամանակ եւ դիւրութիւն կրցած էր ունենալ այդ գործը կարգադրելու, եւ մտադիր ալ ըլլալով իր մեծաւորի մահուանէն ետեւ այլեւս Էջմիածին չմնալ, կանխած էր սնտուկներ ճամբայ հանել դեռ Գէորգը չմեռած, ինչ որ կասկածները կը զօրացնէր: Հետեւապէս սինոդը Մանկունին խիստ հսկողութեան ներքեւ կ՚առնէ եւ անոր բնակութեան համար ստորին խուցերից մէկը կը յատկացնէ (82. ԱՐՁ. 684), կաթողիկոսարանի ծառաներուն տուները խուզարկութեան կ՚ենթարկէ, եւ բաւական վեհարանէ տարուած իրեղէններ կը յայտնուին (83. ՓՆՋ. 1743): Կ. Պոլիս ալ լուր տրուեցաւ Մանկունիի սնտուկները զգուշութեան ներքեւ առնել եւ քննութեան ենթարկել, որով նա բաւական ժամանակ այս կացութեան մէջ մնաց: Սինոդը ընտրողական ժողովի համար անյարմար գտնելով 1883 դեկտեմբեր ամիսը ցուրտերու, ուղեւորութեանց դժուարութեանց պատճառով, նոր ընտրութեան օր որոշեց 1884 մայիս 7 Երեւման խաչին երկուշաբթին: Իսկ Գէորգ կաթողիկոս իր վերջին ամիսներուն մէջ նկատի առնելով որ սինոդի նախանդամ Մկրտիչ Բաբամեան եպիսկոպոսը բաւական զօրաւոր չէ տեղապահութեան պաշտօնը վարելու, որ իրեն պիտի վիճակէր պօլօժէնիէի 42-րդ յօդուածին զօրութեամբ, կանխած էր սինոդի անդամակցութեան առաջարկել Մակար Տէր-Պետրոսեան եպիսկոպոսը, զոր մինչեւ այն ատեն աթոռին գործերէն հեռու պահած էր, բայց կարողութիւնը կը ճանչնար: Մակար սինոդականութեան հաստատութիւնը Գէորգի մահուանէն քիչ ետքը 1883-ի սկիզբները ստացուեցաւ (83. ՓՆՋ. 1754), եւ նովին իսկ Բաբամեանի տեղապահութիւնը դադրեցաւ եւ Մակար տեղապահ հռչակուեցաւ, քանի որ սինոդի նախանդամութիւնը կամ փոխնախագահութիւնը, եւ անոր հետեւանք եղող տեղապահութիւնը պարզապէս երիցութեան կամ աւագութեան կարգով կ՚որոշուի եւ ոչ ընտրութեամբ: Մակար տեղապահութիւնը ստանձնեց (81. ՓՆՋ. 1754), եւ բաւական ատեն Էջմիածին մնաց, բայց ստէպ բացակայեց եւ Բեսարաբիոյ ու Նորնախիջեւանի վիճակին առաջնորդութիւնը մօտէն վարեց, թէպէտ միշտ տեղապահական իշխանութիւնը իր վրայ մնաց, եւ Մկրտիչ անոր բացակայութեան միջոցներուն իբր փոխտեղապահ գործեց: Այստեղ պահ մը Մայրաթոռոյ գործերը ընդհատելով կը դառնանք Կ. Պոլսոյ եղելութեանց պատմութեան:

2886. ՋԱԼԱԼԵԱՆ ԿՏԱԿԸ

Բայց չեւ Կ. Պոլսոյ եղելութեանց մտած, իբրեւ հետաքրքրական մի յիշատակ եւ տարօրինակ մի գործ միջանկեալ կերպով բացատրենք Ջալալեան կտակը: Քանիցս յիշեցինք բնիկ Արցախեցի Սարգիս Սասան-Ջալալեան եպիսկոպոսին անունը, որ գործունէութեան բաւական շրջան մը ունեցաւ եւ կարեւոր գործերու մասնակցեցաւ, մանաւանդ Ներսէս կաթողիկոսի օրով. իսկ Գէորգի կողմէն 1868-ին իբրեւ ներկայացուցիչ Կ. Պոլիս յղուելէն եւ ձեռնունայն դառնալէն ետքը 2771), ասպարէզէ քաշուած առանձնական կեանք վարեց մինչեւ 1879 հոկտեմբեր 16 իր մահը, որ տեղի ունեցաւ Տփղիսի մէջ 69 տարեկան եղած ատեն, Կուր գետին կողմը, իր իսկ աւելցուցած մասին մէջ (84. ԱՐՁ. 90): Մահուանէ տարի մը առաջ 1878 մայիս 28-ին պատրաստել եւ վաւերացնել տուած էր կտակ մը, որ աւելի քան գործնական եւ անմիջական օգուտի, իր անունը անմոռաց ընելու բնութիւնն ունէր: Կտակած գումարը 25, 000 րուբլի էր, իբր 2, 700 օսմանեան լիրա, որ պէտք էր յանձնուէր պետական դրամատան մինչեւ որ 125 տարի անձեռնմխելի մնալով, եւ շահը գլխուն բարդուելով 25, 000 րուբլին 12, 000, 000 րուբլի գումարի կը հասնէր: Նպատակը այդ գումարը լրացնել ըլլալով, տարիներու տեւողութիւնը պիտի կարենար կամ նուազել կտակին գործադիր մարմնոյն ձեռքով, որ որոշուած էր Մոսկուայու Լազարեան Ճեմարանի վարչութիւնը: Երբոր որոշեալ գումարը լրանար դրամագլուխը շահի դրուելով տարեկան տոկոսը 24 բաժին պիտի ըլլար, եւ տարուէ տարի հետեւեալ հաստատութեանց պիտի յանձնուէր, միշտ Լազարեան Ճեմարանի վարչութեան ձեռքով, որ իւրաքանչիւրը գործածէ ի սեղան փառաց եւ բարօրութեան ապագայ սերնդեան ազգիս Հայոց Լուսաւորչականաց: Նշանակուած բաժինները պիտի յատկանան, 2 Լազարեան Ճեմարանի, 1 Մոսկուայի համալսարանին, 2 Էջմիածնի Ժառանգաւորաց վարժարանին, 1 Կ. Պոլսոյ Ժառանգաւորաց վարժարանին Արմաշի վանքը կամ այլուր, 2 Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանին, 1 Սանահնի Ժառանգաւորաց վարժարանին, 1 Տփղիսի, 1 Երեւանի, 1 Շուշիի, 1 Նուխիի, 1 Ախլցխայի, 1 Ալեքսանտրապոլի քաղաքային վարչութեանց կամ կառավարութեանց, 2 Կոստանդնուպոլսոյ, 1 Զմիւռնիոյ, 1 Կարնոյ, 1 Վանայ, 1 Ուլնիոյ ազգային վարչութեան եւ 1 Նոր Ջուղայի հոգեւոր կառավարութեան, որոնք են բովանդակ 22 բաժին. երկուքը յիշել մոռցած ըլլալուն կտակակատարները յատկացուցին Էջմիածնի աթոռին: Բոլոր բաժիններու արդիւնքներ պիտի յատկացուին միմիայն դպրոցական ծախքերու, եղած դպրոցները ընդարձակելով կամ նոր դպրոցներ բանալով յանուն բարերարին, եւ պիտի գործածուին յօգուտ հայազգի եւ հայադաւան աշակերտաց, բացի Կովկասի քաղաքային կառավարութեանց յատկացուածներէն, որոնք կրնան գործածուիլ ընդհանուր կրթութեան առանց զանազանութեան ազգի եւ դաւանութեան: Լազարեան ճեմարանը պիտի մնայ միշտ վարիչ եւ մատակարար կտակեալ եւ աճեցեալ գումարին, եւ մինչեւ գումարը լրանայ պարտի հսկել գումարին աճելուն, եւ երբեմն երբեմն հրատարակել ի լրագիրս: Իսկ լրանալէն ետքը իւրաքանչիւրին բաժինները պարտի բաշխել իր ձեռքով կամ ընտրուած գործակալներու ձեռքով, եւ կրնայ ըստ պատշաճին դրամագլուխը տեղափոխել առաւել օգուտի եւ ապահովութեան տեսակէտով: Այս կտակով պահուած վարժարաններուն ծրագիրները պիտի կազմուին ժամանակին պահանջմանց համեմատ, բայց հայերէն գրաբարը անհրաժեշտ պիտի ըլլայ միշտ: Նոյն ուսումնարաններ պիտի պահեն եւս գիշերօթիկներ, պիտի ունենան տպարան, պիտի հրատարակեն լրագիր եւ գրչագիրներ եւ ուրիշ պիտանի գիրքեր: Եթէ բաժիններէն որեւէ մէկը անգործադրելի դառնայ, Էջմիածնի կաթողիկոսը Երուսաղէմի եւ Կ. Պոլսոյ պատրիարքներու խորհրդակցութեամբ պիտի կարենայ դարձուցանել զբաժին այնր ուսումնարանի յայլ քաղաք կամ վանք: Ամէն բաժին վայելող աթոռ կամ վանք կամ քաղաք իր հաշիւները հրատարակութեան պիտի տայ: Վերջապէս եթէ Լազարեան ճեմարանի վարչութիւնը սկիզբէն հրաժարի կտակին մատակարարութիւնը ստանձնել, սկզբնական չորս կտակակատարները, որոնք են, Աղեքսանդր Թայիրեանց, Պղատոն Գուրգէնբէգեանց, Մխիթար Հասան-Ջալալեանց իր ազգականը, եւ Նիկողայոս Տէր-Յակոբեանց իր որդեգիրը, պիտի կարենան որոշել եւ սահմանել ուրիշ մատակարար մարմին մը (84. ԱՐՁ. 88-89): Ինչ որ սակայն հարկ չեղաւ, զի Լազարեան ճեմարանի վարչութիւնը յանձնառու եղաւ եւ 1879-էն ի վեր 38 տարի է որ գումարին աճելուն կը հսկէ եւ հաշիւները կը հրատարակէ: Սակայն մինչեւ 125 տարիներուն լրանալը, այսինքն մինչեւ 2005 թուականը տակաւին 87 տարիներ կան, եւ այս օրերու ծնունդներն իսկ պիտի չտեսնեն կտակին գործադրութիւնը, եթէ նոյն իսկ նշանակեալ գումարը իրականացնելու համար ցուցուած տարիները երկարել հարկ չըլլայ, ինչ որ հաւանական է յուզուած եւ յուզուելիք քաղաքական եւ ելեւմտական տագնապներու պատճառով: Ջալալեան եպիսկոպոս իր կտակին յաւելուած մը ըրեր էր իր մահուան առթիւ ըլլալիք ծախքերուն համար, զոր սակայն չէր կրցած իր ձեռքով ստորագրել ի պատճառս կուրութեան, որով եւ յաւելուածը դատական իշխանութենէ չհաստատուեցաւ, եւ մնաց չորս կտակակատարներուն կամքին (84. ԱՐՁ. 89-90): Մենք յառաջ բերեցինք Ջալալեան կտակը իբրեւ հետաքրքրական յիշատակ մը միայն, եւ ժամանակին վայելողներուն կը մնայ անոր արդիւնքը տեսնել եւ գնահատել: Կտակին ցուցած գումարները հաշուական գործի ենթարկած ատեն կը տեսնենք, որ 25, 000 րուբլին 12 միլիոնի բարձրանալու համար 5 առ հարիւր սակով 127 տարի պէտք է եւ 12 միլիոնի տոկոսն ալ 24 բաժինի բաշխուած ատեն իւրաքանչիւրը 20, 000 րուբլի կ՚ըլլայ, միշտ 5 առ հարիւր սակով, եւ այսպէս կտակին նախնական գումարը իւրաքանչիւր բաժինին տարեկան առնելիքը կ՚ըլլայ: Սակայն քանի որ գումարը դրամատանց մէջ պիտի շահագործուի, չենք կարծեր որ 5 առ հարիւր սակը, ոչ աճեցնելու եւ ոչ շահեցնելու ատեն կարենայ գտնուիլ, որով թէ 125 տարին շատ աւելի երկարելու է, եւ թէ 12 միլիոնի իրականանալէն ետքը իւրաքանչիւր բաժինին հազիւ թէ 15, 000-է 20, 000 գումար մը, կամ 1, 600-է 2, 200 օսմանեան լիրայ կրնայ իյնայ: Այդ կէտը ճշդելու հոգը մեզմէ դար մը ետքը ապրողներու ուսումնասիրութեան թողլով դառնանք պատմութեանս կարգին եւ Կ. Պոլսոյ եղելութեանց:

2887. ԿՈՍՏԱՆԴՆՈՒՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԸ

Գրեթէ օրը օրին զուգադիպութեամբ կը հանդիպէին Ներսէսի պատրիարքութեան վերահաստատուիլը, եւ Գէորգի մահուան գոյժը, որ Կ. Պոլիս կը հասնէր, դեկտեմբեր 7-ի երեկոյին (82. ՓՆՋ. 1789), երբ Ներսէս դեկտեմբեր 3-ին Ընդհանուր ժողովէն խնդութեամբ ընդունուեր էր, իսկ 6-ին կայսեր ներկայացեր էր 5684), միեւնոյն օրը որ Գէորգ հոգին կ՚աւանդէր: Այսպէս Ներսէս վերահաստատուելուն առաջին վայրկեանէն նոր եւ կարեւոր խնդիր մը եւս կ՚ունենար իր առջեւ, զի կաթողիկոսական ընտրութիւնը միշտ տագնապալից խնդիր մը եղած էր Տաճկահայոց համար, ինչպէս Մատթէոսի 2689) եւ Գէորգի 2759) ընտրութեանց առթիւ պատմեցինք: Գոյժը հանրութեան մէջ շուտով տարածուեցաւ, բայց հազիւ դեկտեմբեր 17-ին պաշտօնապէս Ընդհանուր ժողովին հաղորդուեցաւ, եւ ի նշան սգոյ ամիս մը նիստերու դադարում որոշուեցաւ, օգտուելով միանգամայն մօտալուտ տարեմուտի եւ տօներու սովորական դադարումէն (82. ԱՏՆ. 290): Իսկ ընտրողական նախապատրաստութեանց խնդիրը յետաձգուեցաւ, զի գոնէ տարի մը կար ընտրութեան պայմանաժամին: Մենք ալ զայն կը յետաձգենք, որպէսզի նախապէս ուրիշ եղելութիւնները քաղենք: Առջեւնիս եղած ժամանակամիջոցը Ներսէսի պաշտօնավարութեան եւ կեանքին վերջին մասն է, զի վերահաստատութենէն երկու տարին լմնցնելու մօտ, 1884 հոկտեմբեր 26-ին նա մահկանացուն կնքեց, եւ միշտ անհաստատ եւ երերեալ պաշտօնավարութիւն մը ունեցաւ, ինչպէս առաջ ալ ունեցած էր: Մեզմէ չի պահանջուիր հարկաւ հետեւիլ այն ամէն մասնաւոր դիպուածներու եւ պարագաներու, որոնք տաճկահայութեան շուրջը դարձան, ոչ ալ մի առ մի պատմել ժողովներու եւ ժողովականներու եւ վիճակաւորներու եւ վիճակայիններու անհատնում դարձուածները, եւ յարաբերական գործերու կնճռոտ անցուդարձերը, որոնք ոչ ապագան կը շահագրգռեն եւ ոչ ըստ ինքեան կարեւորութիւն ունին: Մեր պարտքն է մտադրութիւն դարձնել այն խնդիրներու եւ եղելութեանց վրայ, որ հանրային բնութիւն եւ հարստութեան հետ սերտ առնչութիւն ունին: Այս տեսակէտէն է ստուգիւ Երուսաղէմի պարտքին խնդիրը, այլ անոր մասին արդէն խօսեցանք Երուսաղէմի գործոց կարգին, եւ Ներսէսին մահուանէն ետքի եղելութիւններն ալ քաղեցինք նիւթին ամբողջութիւնը տուած ըլլալու համար 2877-2879), հետեւապէս նորէն անոր վրայ ադրադառնալու պէտք չմնար: Բայց կան ուրիշ մտադրութեան արժանի մասնաւոր եղելութիւններ, որոնց չմտած Ներսէսի վերջին պաշտօնավարութիւնը պատկերացնելու հարկը կը զգանք: Արքունի հրամանով գործի գլուխ դառնալը երկու կողմերը կը պարտաւորէր ճամբանին փոխել, զի այլեւս ոչ Ներսէս հրաժարական մատուցանելու, եւ ոչ ընդդիմադիրներ ձանձրացնելով հրաժարականի ստիպելու գաղափարներով պէտք չէր օրօրուէին, այլ հանդարտօրէն առօրեայ գործոց ընթացքը վարէին առանց միջադէպներ ստեղծելու: Սակայն երկու կողմերն ալ իրենց սեւեռեալ գաղափարներէն չէին հրաժարած, եւ գործոց ընթացքը միշտ տարադէպ հետեւանքներու կը տանէր: Ընդհանուր ժողովոյ նիստերը առանց Ներսէսի նախագահութեան ալ կը շարունակէին, Նարպէյ կամ Սէֆէրեան եպիսկոպոսներու փոխնախագահութեամբ, եւ լեցուն էին անպտուղ ասուլիսներով, յարաճուն խծբծանքներով, եւ տարօրինակ քաշքշուքներով, որով կարեւորագոյն գործեր ետեւ կը մնային: Երեսփոխանութիւնը կարծես վարչութիւն դարձած, ամէն միջադէպ եւ ամէն մանր գործ իրեն վիճաբանութեան նիւթ կը դարձնէր անվերջանալի հարցումներով եւ հարցապնդումներով, եւ Ներսէս ձեռուըները կապուած կը զգար եւ կը նեղուէր, մանաւանդ որ երեսփոխանութեան վրայ եկեղեցական համագումարն ալ աւելցած էր այդ օրեր, եւ այն ալ շատ մը վարչական խնդիրներով կը զբաղէր, եւ պատրիարքի եւ վարչութեան գործունէութեան արգելք մը եւս կ՚աւելցնէր (83. ՓՆՋ. 1811): Մտադրութենէ չվրիպեցնենք որ Ներսէսի կեանքը դաւաճանող շաքարախտն ալ երթալով կը սաստկանար եւ կը զօրանար, եւ Ներսէս արմատական դարմաններու անհրաժեշտ զգուշաւորութեան անհնարութեանը մատնուած էր, ինչ որ ուժգնակի կ՚ազդէր իր բնական եւ իր բարոյական կեանքին վրայ հաւասարապէս, ուսկից յառաջ կու գար որ ան ալ փոխադարձաբար կծու ակնարկներ չէր խնայեր ընդդիմադիրներուն նոյն իսկ ժողովներու մէջ (83. ՓՆՋ. 1795): Այս պարագայից հետեւանքն էր որ յանկարծ 1883 օգոստոս 6-ին հրաժարագիրներ կը ղրկէր կառավարութեան եւ արքունիքին եւ Խասքէօյ կը քաշուէր (83. ՓՆՋ. 1795), սակայն նոր կայսերական հրաման մը կը հասնէր, թէ Հայոց ազգին պատրիարք պիտի մնայ, եւ թէ կրնայ անունները հաղորդել անոնց որոց ընթացքը դժկամակութիւն կը պատճառէ իրեն, եւ Ներսէս հրամանէն ստիպուելով եւ պայմանէն խրտչելով (83. ՓՆՋ. 1802), կը փութար պատրիարքարան դառնալ, եւ օգոստոս 14 Վերափոխման կիրակի օրը պատարագել եւ քարոզել եւ հրաժարականը ետ առած ըլլալը յայտնել (83. ՓՆՋ. 1797): Բայց կանոնաւոր գործունէութիւնը դարձեալ չէր իրականանար, զի անձնական տկարութիւնը տակաւ կը զայրանար (83. ՓՆՋ. 1817), եւ մինչեւ իսկ հոկտեմբեր 17-ին կայսրորդւոյ թլփատութեան առթիւ տրուած հացկերոյթին չէր կրցած ներկայ գտնուիլ, բայց կայսեր շեշտուած փափաքին վրայ անգամ մը անոր ներկայանալու համար հոկտեմբեր 20-ին մեծ ճիգեր ընել ստիպուած էր (83. ՓՆՋ. 1820): Սակայն այդ կացութիւնը ազգային գործոց ընթացքին ալ կ՚ազդէր եւ շատ խնդիրներ լքեալ կը մնային, եւ վարչութիւնը յատուկ պատգամաւորութեամբ եւ մասնաւոր դիւրութիւններով պատրիարքը Խասքէօյէ պատրիարքարան բերելու կերպերը կը խորհէր (83. ՓՆՋ. 1844):

2888. ԿԱՐՆՈՅ ԲԱՆՏԱՐԿԵԱԼՔ

Կարնոյ մէջ ծագած իբր յեղափոխական պատրաստութեանց խնդիրը, եւ այդ առթիւ կատարուած ձերբակալութիւնները պատմեցինք արդէն: Առաջնորդ Օրմանեանի մասին ալ կասկածներ յարուցուած ըլլալը յիշեցինք. բովանդակ ձերբակալեալները 72 եղած էին, որոնցմէ 21 հոգի գործին ընթացքին մէջ անպարտ արձակուեցան, եւ 51-ին դէմ յանցապարտութեան որոշում տրուեցաւ 1883 փետրուարի սկիզբները (83. ԱՐՁ. 113), բայց որոշումին դէմ դիմում եղաւ մայրաքաղաքի վճռաբեկ ատեանին: Դատը հոգալու, եւ միանգամայն իր վրայ եղած կասկածն ալ աճեցնելով ձախող միջադէպի տեղի չտալու համար, Օրմանեան կանխեց Կ. Պոլիս ուղեւորիլ, ուր հասաւ 1883 ապրիլ 5-ին 2867): Եպարքոսութեան, նախարարութեանց եւ վճռաբեկ ատենակալաց մօտ Ներսէս պատրիարք ուժգնութեամբ կատարեց պէտք եղած պաշտօնական դիմումները, այլ իր տկարութեան պատճառով նոյնինքն Օրմանեանի յանձնած էր հետապնդելու եւ բացատրութիւններ տալու գործը, եւ արդիւնքն եղաւ ամբաստանութեան որոշումին ջնջումը: Բայց երբ դատը դարձեալ Կարնոյ դատարանին յանձնուեցաւ միեւնոյն որոշումը կրկնուեցաւ. եւ այլեւս զայն ջնջել տալու աշխատութիւնը աւելորդ դատուեցաւ, եւ Կարնոյ պատժական դատարանը 11 հոգի եւս ազատ հռչակեց, եւ 40 անձանց դէմ դատապարտութեան վճիռ արձակեց, մէկը 15, մէկը 13, երկուքը 10, մէկը 7, չորսը 6, եւ երեսունումէկը 5 տարուան բանտարկութեան: Դատապարտեալները առհասարակ խեղճ դասակարգի արհեստաւորներ եւ հողագործներ էին, մեծաւ մասամբ նորահաս երիտասարդներ, որոնց մէջ ոչ կարողութեան եւ ոչ խելահասութեան տէր մէկ մը կար, որ կարծեցեալ յեղափոխութեան գլուխ կանգնելու եւ գործ վարելու կասկածն արդարացնէր: Արդէն որոշուած պատիժներն ալ կը հաւաստէին թէ դատաւորներն իսկ կարեւոր շարժում մը տեսած չէին այն գործողութեան մէջ, որ անձնապաշտպանութեան նպատակէն անդին չէր անցներ 2866): Երբ ամբաստանութեան երկրորդ որոշումին դէմ դիմումէն հրաժարելով դատապարտութեան վճիռին ճամբայ բացուեցաւ, առաջիկային ներում ստանալու միտքերը եւ յուսադրութիւնները յղացուած էին. ուստի միջոց մը ուշացնելէ ետքը կայսերական ներման դիմումներն սկսան պատրիարքի հովանաւորութեամբ եւ Օրմանեանի ձեռքով, որոնք վերջապէս յաջողութեամբ պսակուեցան, եւ առաջին չորսէն զատ մնացեալ 36-ին պատիժին երկու երրորդին ներուելուն հրամանագիրը ստացուեցաւ 1884 յունիս 6-ին: Ըստ այսմ 31 հինգ տարուան դատապարտեալներուն բանտարկութիւնը միայն 20 լուսնական ամիսներու վերածուեցաւ, որչափ ինչ լրացուցած էին 1882 նոյեմբերէն սկսելով, ուստի պարտուպատշաճ ձեւակերպութիւններն ալ լրանալով 1884 յունիս 22-ին ուրբաթ օր արձակուեցան Կարնոյ բանտէն ժողովրդական մեծ խնդութեան մէջ: Անկէ առաջ Բերայի գերեզմաննոցի եկեղեցիին տօնին առթիւ Օրմանեան հանդիսապէս մաղթանքներ ըրած էր կայսեր կենաց համար, 11-ին ալ Ներսէս Պատրիարք պալատ երթալով շնորհակալութիւն մատուցած էր, 23-ին ալ Գիւտի Նշխարաց տօնին օրը գոհաբանական աղօթքներ եւ կայսերական մաղթանքներ կատարուեցան Կարնոյ մայր եկեղեցւոյ մէջ առաջնորդական փոխանորդ Գրիգոր Արծնեան աւագերէցին նախագահութեամբ: Երեսունումէկերուն արձակուելովը եւ միւս հինգերուն ալ մօտալուտ արձակման հաշուովը գրեթէ բոլորովին փակուած կը նկատուէր յեղափոխական կարծուած Կարնոյ միջադէպը: Իսկ Օրմանեանի մասին եղած կասկածները բոլորովին փարատուած էին, եւ մանաւանդ եպարքոսի եւ նախարարաց հետ անձնական տեսակցութիւններէն ետքը, որոնցմէ յանձնարարութիւն իսկ ստացած էր ներքին գաւառաց բարեկարգութեան համար կազմուած յանձնաժողովին հետ խորհրդակցիլ, եւ ինչ ինչ օգտակար առաջարկներու համար գրութիւն ալ ներկայած էր: Ուստի համարձակ կրնար դառնալ իր պաշտօնին գլուխը, որուն մինչեւ վերջ հաւատարիմ մնացած էր` Կարինէ մեկնելուն օրը յայտնած ուխտադիր խոստումին համեմատ: Մշոյ Ս. Կարապետի վանքին 1884 յունիս 7-ին վանահայրութեան ընտրուած էր (84. ԱՐԼ. 138), եւ նոյն տարւոյ յուլիս 14-ին Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանի տեսչութեան հրաւիրած էր. բայց երկուքին ալ յանձնառու չէր եղած միշտ Կարնոյ առաջնորդութիւնը պատճառելով: Պատրիարքարանի վարչութիւնն ալ եւ յատկապէս Սիմոն Մաքսուտեան ատենապետը քանի քանի անգամներ յորդորած եւ ստիպած էր որ Կարնոյ առաջնորդութենէն հրաժարի եւ իբր Ներսէս պատրիարքի կատարեալ վստահութիւնը վայելող անձ մը, պատրիարքական փոխանորդութեան կոչուի, քանի որ Ներսէս ծանրացած հիւանդութեան պատճառով չէր կրնար ամէն աշխատութիւնը կատարել, եւ կայսերական կամքին պատճառով ալ հնար չէր Ներսէսի յաջորդ մը ընտրել. բայց Օրմանեան այդ առաջարկներն ալ մերժած էր միեւնոյն պատճառով: Արդէն Կ. Պոլիս հասնելու օրէն արգելք դրած էր Կարին տեղապահ մը յղուելուն, եւ իր վրայ պահած էր Կարնոյ գործերուն պաշտօնական պատասխանատուութիւնը: Բանտարկելոց ներումէն ետքը իր վերադարձին ձեւակերպութիւններուն հետեւեցաւ, եւ օգոստոս 16-ին պաշտօնական յանձնարարականներն ալ ստացաւ (84. ԱՐԼ. 195), բայց գործադրել կը յապաղէր Ներսէսի տկարութեան աւելնալուն եւ մահիճ իյնալը տեսնելուն, եւ մահուան վտանգը նախատեսելով մեկնիլ չկրնալուն: Բայց վերջապէս, նոյնինքն Ներսէսի բացարձակ հրամանով, օր առաջ Կարին գտնուելու համար` սեպտեմբեր 24-ին Կ. Պոլիսէ մեկնեցաւ եւ հոկտեմբեր 9-ին յանակնկալս Կարին մտաւ մութը կոխելէն ետքը, անխորհուրդ ցոյցերու առիթ չտալու համար: Արդէն յիշած ենք թէ նոյն 1884 տարւոյ հոկտեմբեր 26-ին Օրմանեանի Կարին հասնելէն 19 օր ետքը Ներսէս մահկանացուն կնքեց 2887):

2889. Կ. ՊՈԼՍՈՅ ԳՈՐԾԵՐ

Օրմանեան Կ. Պոլիս գտնուած միջոցին իրեն գլխաւոր գործ ըրած էր Կարնոյ բանտարկելոց խնդիրը, եւ պատրիարքէն ալ արտօնութիւն ստացած էր անձամբ եւ ազատութեամբ գործը հետապնդել, ըսածին եւ ըրածին տեղեակ պահելով պատրիարքը համաձայնութեամբ ընթանալու համար: Հասնելէն շաբաթ մը ետքը 1883 ապրիլ 12-ին անդամ նշանակուեցաւ վանօրէից խորհուրդին եւ վիճակաց վերակազմութեան եւ բարեկարգութեան համար հաստատուած յանձնաժողովին, որուն անդամակից էին Մատթէոս Իզմիրլեան, Գրիգորիս Ալէաթճեան, Եզնիկ Ապահունի եւ Հմայեակ Դիմաքսեան եպիսկոպոսները: Քիչ ետքը, սեպտեմբեր 24-ին անդամակցեցաւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան խնդիրներուն համար կազմուած յանձնաժողովին ալ, իսկ 1883 մայիս 3-ին առժամեայ քարոզիչ անուանուած էր Բերայի եկեղեցիներուն, Ներսէս Ասլանեան վարդապետի Եւդոկիոյ առաջնորդութեան մեկնելուն առթիւ: Նոյն միջոցին կը յուզուէին Բերայի 1876-ի մեծ հրդեհէն ետքը թաղական կալուածներուն մատակարարութեան խնդիրները, կը կատարուէր Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հրկիզեալ կալուածներուն տեղ նոր թատրոնին շինութիւնը, ոյժ կը տրուէր թաղական վարժարաններու զարգացման, եւ աղջկանց արհեստանոցի բացման եւ ընդարձակման, եւ Օրմանեան իբրեւ քարոզիչ եւ թաղական խորհրդոյ նախագահ գործունեայ դեր ունեցաւ այդ ամէն ձեռնարկներուն մէջ: Բայց բոլորովին նոր ձեռնարկ եղաւ Բերայի գերեզմաննոցին կազմակերպութեան գործը: Կառավարութիւնը 1875-ի հնտախտի համաճարակին օրէն արգիլած էր Թաքսիմի գերեզմաննոցին մէջ մեռել թաղելը, վասնզի Բերայի ընդարձակուելովը քաղաքամիջի դիրք առած էր, եւ Բերայի վերի կողմը Շիշլի կոչուած մասին մէջ նոր գերեզմաններու տեղեր տուած էր Հայոց եւ Յունաց եւ Կաթոլիկաց եւ Հրէից: Միւս ազգեր որմով շրջապատած էին իրենց մասերը եւ ներքինն ալ կազմակերպած, միայն Հայոց մասը կը մնար առանց շրջապատի եւ խառնիխուռն կը թաղուէին ննջեցեալները: Օրմանեան գլուխ կանգնեցաւ գերեզմաննոցը կազմակերպելու ձեռնարկին, որուն թաղական խորհուրդն ալ պէտք կը զգար, եւ իր նախագահութեամբ յանձնաժողով մը կազմուեցաւ, իբրեւ Բերայի թաղականութեան չորրորդ ճիւղ, որ արդէն եկեղեցեաց եւ վարժարանաց եւ կալուածոց երեք ճիւղերու բաժնուած էր Յովհաննէս Նուրեանի գործունեայ ատենապետութեամբ: Յանձնաժողովը պատրիարքական կոնդակով հաստատուեցաւ 1884 մայիս 4-ին, զոր կը կազմէր Մաղաքիա վարդապետ Օրմանեան նախագահ, Գրիգոր Աճէմեան եւ Յովհաննէս Մկրեան աւագերէցներ խորհրդական, Յարութիւն Մերեւէմգուլի ատենապետ, Ատիմար Սաւալան ատենադպիր, Սենեքերիմ Պասմաճեան գանձապետ, եւ Զենոբ Երամեան ճարտարապետ: Արդէն նախապատրաստութիւններ մասամբ եղած էին, յանձնաժողովի ձեռքով լրացան, եւ կանոնագիրն ու յատակագիծը թաղականութեան միջնորդութեամբ վարչութեան ներկայացուեցան: Ոչ միայն նոր էր գերեզմաննոցները յատակագիծի եւ կանոնագիրի վերածելը, այլեւ կրօնական ժողովին նորալուր երեւցաւ վճարմամբ յատուկ թաղեր կամ հողամասեր սեփականելը, եւ շինուելիք շիրիմներուն յանձնաժողովոյ քննութեան ենթարկուիլը: Օրմանեան պարտաւորուեցաւ անձամբ ժողովին առջեւ պաշտպանել եւ փաստաբանել մատուցուած առաջարկը, մինչեւ որ կրօնականն ալ համոզուեցաւ, կանոնագիրն ու յատակագիծը խառն ժողովէն վաւերացան 1884 յուլիս 11-ին, եւ պատրիարքէն գործադրութեան հրամայուեցան յուլիս 25-ին, եւ յանձնաժողովի յայտարարութեամբ հրատարակուեցան օգոստոս 18-ին, երբ օր առաջ օգոստոս 13-ին եկեղեցական հանդիսութեամբ եւ Օրմանեանի հանդիսադրութեամբ կատարուած էր որմափակի հիմնարկէքին օրհնութիւնը: Գերեզմաննոցի յատակագիծը կազմուած էր յարմար քառակուսիներով, որոնց երեսները չորս աստիճանի բաժնուած մասնաւոր գերեզմանատեղիներու, իսկ մէջտեղները ընդհանուր թաղումներու յատկացուած էին: Մասնաւորներ պիտի վճարէին գետինին գինը մեղրի չափով եւ մուտքի տուրք մը, ընդհանուրներ միայն մուտքի տուրք, իսկ անտէր եւ տնանկ թաղումներ բոլորովին ձրի պիտի ըլլային: Յատուկ տեղեր որոշուած էին մատուռի մը, որ տակաւին շինուած չէ, եւ քահանայի եւ պահապանի սենեակներու եւ յուղարկաւորաց սրահի, որոնք անագան շինուեցան 1904-ին Օրմանեանի պատրիարքութեան միջոցին: Քառակուսիները բաժնող ուղիներու հայ սուրբերու անուններ գրուած էին, ծառեր տնկուած եւ ջուրի ճամբաներ շինուած, այնպէս որ Շիշլիի գերեզմաննոցը իր տեսակին մէջ նշանաւոր եւ հայ գերեզմաննոցներու մէջ անսովոր ձեւ մը ստացաւ, եւ հետզհետէ արուեստակերտ շիրիմներով զարդարուեցաւ ու ճոխացաւ: Կարնոյ ազգային գերեզմաննոցին մէջ ալ Օրմանեան հնար եղածին չափ ծառուղիներ կազմած էր իր պաշտօնավարութեան սկիզբը: Կ. Պոլիս եղած միջոցին միացեալ ընկերութեանց ժողովներուն ալ մասնակցեցաւ, որոնց կանուխէն անդամակից էր, եւ Կարնոյ մէջ ընկերութեան գործակատարութիւնը կը վարէր փոխադարձ յարաբերութեանց համար: Նոյնը ըրած էր Սովելոց յանձնաժողովին համար ալ, որուն ընդարձակ տեղեկագիրն ալ ինքն խմբագրեց Կ. Պոլիս գտնուած միջոցին (84. ԱՐԼ. 118), եւ 1884 ապրիլ 22-ին սկսելով սեպտեմբեր 9-ին աւարտեց, որ եւ յատուկ հատորով հրատարակուեցաւ: Ուրիշ մանր տեղեկութիւնները զանց ընելով կ՚անցնինք այդ ժամանակամիջոցին մէջ կատարուած գլխաւորագոյն գործին պարագաները պատմել, որ է կաթողիկոսական ընտրութիւնը:

2890. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎ

Թէպէտ 1882 դեկտեմբեր 17-ին Ընդհանուր ժողովի նիստին մէջ առժամաբար յետաձգուեցաւ կաթողիկոսական ընտրութեան գործը 2887), բայց հանրութեան մտադրութիւնը գրաւուած էր այդ գործէն, որ ստուգապէս հայուն համար ամենակարեւոր խնդիր մըն էր, քանի որ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան գահակալը հայ հանրութիւնը անձնաւորող կը նկատուէր (83. ԱՐՁ. 65-67): Կ. Պոլսոյ պաշտօնական շրջանակներն ալ կը զբաղէին այդ խնդիրով եւ 1883 մարտ 18-ի Ընդհանուրի նիստին մէջ որոշուեցաւ Էջմիածինէ բացատրութիւն պահանջել ընտրութեան ժամանակին յետաձգման մասին, եւ ընտրութեան գործը ձեռք առնել (82. ԱՏՆ. 388), իսկ ապրիլ 4-ին ընդարձակ վիճաբանութիւն բացուեցաւ եւ պօլօժէնիէն դարձեալ քննադատուեցաւ, եւ 16 սրբագրելի կէտեր մատնանշուեցան (82. ԱՏՆ. 444), մինչեւ իսկ Ռուսահայոց պատրիարքութիւնը եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութիւնը իրարմէ անջատելու ակնարկներ եղան (82. ԱՏՆ. 452), օսմանեան կառավարութեան միջնորդութեամբ պօլօժէնիէի դէմ բողոքելու առաջարկն ալ խօսեցաւ (82. ԱՏՆ. 465), բայց վերջապէս Ներսէս պատրիարքի պնդելով լիազօր յանձնաժողով մը ընտրելու որոշումը տրուեցաւ (82. ԱՏՆ. 471), ընտրութիւնն ալ կատարուեցաւ 1883 ապրիլ 11-ին (ՅՆՁ. 1): Անկէ ետքը ստուգուեցաւ թէ իրօք սինոդը յետաձգելու կարգադրութիւնն ըրած եւ կառավարական արտօնութիւնն ալ ստացած էր, պատճառելով ուղեւորութեանց դեկտեմբերի մէջ դժուարութիւնը եւ Մեծ պահքի մէջ անյարմարութիւնը 2886), բայց գանգատներ յայտնուեցան ժողովի մէջ, իբր զի կանխաւ Կ. Պոլսոյ հաճութիւնը չէր փնտռուած: Պօլօժէնիէի տրամադրութեանց մասին ընդդիմաբաններ չէին նկատեր թէ իրենք որոշակի ճշդուած եւ արդէն գործադրուած օրէնք մը չունէին, եւ թէ Տաճկահայոց Ընդհանուր ժողովը ամէն ընտրութեան առիթին նորինորոյ ուսումնասիրութեանց կը ձեռնարկէր եւ նորանոր առաջարկներ կը կազմէր, որով խոստովանած կ՚ըլլար թէ ինքն հիմնական եւ հաստատուն օրէնք մը չունի, եւ օրինական յենարանի մը կրթնելով իր ընդդիմութիւնը չի զօրացներ, մինչ շարունակ փոփոխութեան ենթարկուած առաջարկներ աւելի քմահաճութեան քան օրինականութեան կերպարան կը զգենուին: Պաշտօնական մարմիններ ալ գործածուելիք ձեւին մասին շարունակ տարբեր կարծիքներ կը յայտնէին, մինչեւ իսկ կը խորհուէր ռուսական դեսպանատան հետ բանակցիլ, կամ Պետրբուրգ պատգամաւորներ յղել, կամ սինոդին հետ բանակցութեան մտնել, կամ յետաձգման համար բողոք ուղղել, բայց ինչպէս ըսինք վերջապէս խնդիրը կը փակուէր յանձնաժողովի մը ընտրութեամբ, որուն անդամակցելու կոչուեցան եկեղեցականներէն Խորէն Նարպէյ եւ Մատթէոս Իզմիրլեան եպիսկոպոսներ եւ Յովհաննէս Մկրեան քահանայ, եւ աշխարհականներէն Սերվիչէն բժշկապետ, Կարապետ Իւթիւճեան եւ Մարկոս Աղաբէգեան, իսկ Ստեփան Փափազեան թէպէտ ընտրուեցաւ, բայց բնաւ չմասնակցեցաւ, եւ յանձնաժողովը եօթնի տեղ վեց անդամով գործեց 1883 ապրիլ 23-է սկսելով (ՅՆՁ. 2): Յանձնաժողովոյ աշխատութեանց միջոցին ալ միջադէպեր եւ առաջարկներ պակաս չեղան, կարծիքներու անհամաձայնութիւններ ալ երեւան եկան, սակայն յանձնաժողովը անկախաբար իր գործը շարունակեց, մինչեւ որ իր ուսումնասիրութիւնը աւարտեց 1883 օգոստոս 4-ին տեղեկագիրը խմբագրելով եւ տեղեկաբեր նշանակելով Իզմիրլեանը: Սակայն երկու օր ետքը Ներսէսի տկարութեան աւելցած ըլլալովը մատուցած հրաժարագիրը 2887) գործին նկատառումը յապաղեցուց, մինչեւ որ միջադէպը փակուեցաւ աւելի կայսերական բացարձակ հրամանին քան թէ ժողովական մերժումին (83. ԱՏՆ. 212) զօրութեամբ: Սեպտեմբեր 13-ին Ընդհանուր ժողով հրաւիրուեցաւ (83. ՓՆՋ. 1805), եւ 16-ին գումարուեցաւ եւ կաթողիկոսական յանձնաժողովին կողմէ հաղորդուեցաւ թէ ի մօտոյ պիտի մատուցանէ իւր գործոց համարն (83. ԱՏՆ. 216), ինչպէս որ ալ ներկայեց սեպտեմբեր 21-ի դռնփակ նիստին, եւ բաւական եռանդուն վիճաբանութեան նիւթ ընծայեց: Տեղեկագիրը ընդարձակ եւ պատմական ձեւ առած էր, իրեն նպատակ ունենալով պօլօժէնիէի կազմութիւնը եւ անոր ընդունելութեան մասին տեղի ունեցած պարագաները պատմել, 1866-ին կազմուած կաթողիկոսական առաջին յանձնաժողովին աշխատութիւնը անոր հետեւանքները լուսաբանել եւ Հայ Եկեղեցւոյ հիմնական սկզբունքները ճշդել, եւ ամենէն յետոյ կաթողիկոսական ընտրութեան հրահանգը առաջարկել: Հարկ է սակայն ամենէն առաջ դիտել տալ, որ եթէ 1866-ին պաշտպանուած սկզբունքներ հաստատ եւ որոշ էին, պէտք չէր որ նորէն սկզբունքները քաղուէին, առաջուանները փոխուէին, եւ ոչ ալ նոր ուսումնասիրութիւններու եւ առաջարկներու նիւթ ըլլային, մինչ նորերը 1866-ի սկզբունքները անբաւական սեպելով նորեր կազմելու հետեւեցան, եւ ասով իրենք իրենց գործը տկարացուցին: Պօլօժէնիէի կազմութեան պատմութիւնը քաղուած է անդստին Ղուկաս կաթողիկոսի օրէն, երբ Էջմիածնի համար կանոնադրութիւն մը վարիչ ժողով մը հաստատելու նախափորձեր սկսան, որուն պատմութեան մէջ 1866-ի յանձնաժողովին գործառնութիւնն ալ կը ցուցուի, ռուսական պաշտօնագիրներ յառաջ կը բերուին, եւ ամբողջաբար կ՚արտագրուի 1836-ի պօլօժէնիէն եւ 1843-ի ընտրողական հրահանգը (ՅՆՁ. 1-45): Կը պատմուին նաեւ Ներսէս Ե. ընտրութիւնը եւ անոր կողմէ պօլօժէնիէի ինչ ինչ յօդուածոց փոփոխութեան համար եղած դիմումները (ՅՆՁ. 46-55), յառաջ կը բերուի Մատթէոս Ա. կազմած ծրագիրը իբր կարգ եւ կանոն Հայաստանեայց եկեղեցւոյ կաթողիկոսական իշխանութեան (ՅՆՁ. 55-67), եւ անով կը փակուի առաջին մասը: Երկրորդին մէջ ամբողջաբար յառաջ կը բերուին 1866-ի կաթողիկոսական յանձնաժողովին տեղեկագիրը, Մատթէոսի ընտրութեան պարագաները եւ հին ընտրութեանց մասին տեղեկութիւններ (ՅՆՁ. 68-94): Անոնք մենք իրենց պատմական կարգին յառաջ բերած ենք եւ վերլուծած, եւ նորէն կրկնելու հարկ չենք զգար:

2891. ԸՆՏՐՈՂԱԿԱՆ ՁԵՒԵՐ

Նախընթաց երկու մասերը պատմական հմտութիւններ են, որ լոկ խնդիրն ու կացութիւնը կը լուսաբանեն, այլ յանձնաժողովէն սպասուած գլխաւոր կէտը առաջիկային հետեւելիք ձեւն ու կաթողիկոսութեան յաջորդին ընտրութեան կերպն էր, եւ այս կը կազմէ տեղեկագիրին երրորդ մասը: Յանձնաժողովը այդ մասին մէջ ալ անցեալէն քանի մը գրութիւններ իբր վաւերագիր եւ տեղեկութիւն յառաջ բերելէն ետքը (ՅՆՁ. 91-100), կը ներկայէ իր նոր ծրագիրը երեք գլուխներու բաժնուած. Ա. Կաթողիկոսական իշխանութեան պարտքերն եւ իրաւունքները: Բ. Կաթողիկոսական վարչութեան պայմանները (ՅՆՁ. 101-107). եւ Գ. Կաթողիկոս ընտրելու իսկական նպատակը կը կազմէր: Անշուշտ կը սպասուէր որ յանձնաժողովը 1866-ին առաջարկուած եւ գործադրուած ձեւը կրկնէր, վասնզի Ներսէս որ այս երկրորդին նախագահն էր առաջինին ալ ատենապետն էր եղած, Կարապետ Իւթիւճեան հեղինակաւոր խմբագրապետը երկուքին ալ անդամ էր, միւսներն ալ միեւնոյն խումբի պատկանող անձեր էին, այլ ընդհակառակն երկրորդ յանձնաժողովը բոլորովին նոր ձեւ մը, եւ բաւական կնճռոտ ձեւ մը կազմեց: Սոյն առաջարկին մէջ Էջմիածին եւ Կոստանդնուպոլիս երկու ազգային կեդրոններ կը ճանչցուին. երկու կեդրոնները զատ զատ վիճակային ժողով գումարելով ընտրելեաց երկու ցուցակ պիտի պատրաստեն գաղտնի քուէարկութեամբ առանց որոշեալ թիւի: Ընտրելի ըլլալու պայմաններն են, Մայրաթոռոյ եպիսկոպոս ըլլալ եւ կաթողիկոսութեան յարմար հանգամանքներ ունենալ: Երկու կեդրոններուն կազմած ընտրելեաց ցանկերը փոխադարձաբար հաղորդուելով եւ իրարու միացուելով միակ ընտրելեաց ցանկի պիտի վերածուին, զոր երկու կեդրոնները իրենց վիճակներուն եւ միաբանութիւն ունեցող վանքերուն պիտի յղեն, որպէսզի ցուցակի պարունակած անուններէն մէկը իրենց կողմէն ընտրելի ցուցնեն: Տաճկահայ վիճակներու մէջ այդ ընտրութիւնը պիտի կատարեն սահմանադրական գաւառական ժողովները, ռուսահայ վիճակներու մէջ պատուիրակաց ժողովները, եւ վանքերու մէջ տնօրէն խորհուրդները: Կ. Պոլսոյ պատրիարքական աթոռը եւ Էջմիածնի կաթողիկոսական աթոռը իբրեւ որոշ վիճակ պիտի նկատուին: Վիճակներու քուէներուն արժէքը իրենց հայաբնակութեան համեմատ պիտի հաշուուին, իւրաքանչիւր 10, 000 անձի կամ կոտորակի քուէ մը յատկացնելով, այսինքն մինչեւ 10, 000 անձի կամ կոտորակի մէկ քուէ, իսկ մինչեւ 20, 000 բնակութիւն ունեցողի երկու, մինչեւ 30, 000 անձի երեք, մինչեւ 40, 000 անձի չորս, եւ ըստ այսմ յառաջանալով: Այդ հաշիւը պիտի ծառայէր բազմամարդ վիճակները քուէի հաշիւին մէջ շահեցնելու: Վիճակներէն եկող քուէներ պիտի հաւաքուին եւ բացուին երկու կեդրոններու մէջ եւ պիտի առնուին առաջին եօթը աւելի քուէ ստացողներ, եւ եթէ եօթնէ պակաս անուն լինի ցուցակը պիտի լրացուի կեդրոններուն վիճակային ժողովներէ աւելի քուէ առնողներով. երկու կեդրոններուն մէջ կազմուած եօթնանուն ցուցակները Կ. Պոլսոյ Ընդհանուր ժողովին եւ Էջմիածնի վիճակային ժողովի մէջ նոր քուէարկութեան ենթարկուելով եռանուն ցանկի պիտի վերածուին, եւ երկու կեդրոններու եռանուն ցանկերը վերջնական ընտրելեաց ցանկը պիտի կազմեն: Անուններու թիւը այլ եւս որոշուած չէ զի միեւնոյն անուն երկու կողմերէ ալ կրնայ ստացած ըլլալ, որով վերջնական ցանկը 3-է 6 անունով կազմուած կ՚ըլլայ: Վճռական ընտրութիւնը պիտի կատարուի Էջմիածնի մայր տաճարին մէջ ընտրելեաց վերջնական եւ փակեալ ցանկին վրայ, երկու կեդրոններէ ընտրուած երկու եկեղեցական եւ երկու աշխարհական չորսական պատգամաւորներէ, որոնց քուէները պիտի հաշուուին իւրաքանչիւր կողման վիճակային քուէներու թիւով, եւ իւրաքանչիւր կողմի պատգամաւորը իր կեդրոնէն ցուցուած երեքներէն մէկուն պիտի տայ իր քուէն եւ ոչ միւս կողմէն ցուցուած երեքներուն, բայց եթէ նոյն անունը երկու կողմերէ ալ ցուցուած ըլլայ: Քուէ-համարը անմիջապէս պիտի կատարուի, եւ աւելի քուէ ստացողը իսկոյն կաթողիկոս պիտի հռչակուի, եւ ընտրեալին անունը Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ եւ Պարսից կայսրերուն եւ հայ հպատակ ունեցող ամէն տէրութեանց պիտի հաղորդուի (ՅՆՁ. 108-109): Այդ ձեւը ինչպէս կը տեսնուի, բոլորովին կամայական ստեղծագործութիւն մըն էր, եւ կերպով մը Պօլօժէնիէի հետեւողութեամբ կազմուած էր. հետեւապէս երեսփոխանութեան կողմէն շատ խծբծուեցաւ, եւ վերջապէս 1883 հոկտեմբեր 21-ին մերժուեցաւ. եւ նորէն 1866-ին գործադրուած ձեւը նախադասուեցաւ, այսինքն, որ Ընդհանուր ժողովը կատարէ ընտրութիւնը յանուն բովանդակ տաճկահայ վիճակաց (83. ՓՆՋ. 1821): Այդ որոշման իբր փաստ սեպուեցաւ թէ այդ ձեւը ռուսական կառավարութենէ ալ յարգուած եւ գործադրուած էր Գէորգի ընտրութեան առթիւ, վասնզի Ընդհանուր ժողովոյ կողմէ Գէորգ միակ ընտրելի կամ ընտրեալ ցուցուած էր, եւ նոյնը Էջմիածնի ընտրողական ժողովէն ընդունուած, եւ ռուսական կառավարութենէն հաստատուած էր (83. ՓՆՋ. 1826): Ռուսական դեսպանատունը քանի մը անգամներ, պատրիարքարանի յայտնապէս ծանուցուած էր թէ իր կառավարութիւնը պօլօժէնիէի հաստատած ձեւէն զատ ուրիշ ձեւ չի ճանչնար եւ չընդունիր. սակայն տաճկահայ երեսփոխանութիւնը բնաւ կշիռ չէր տար այդ ազդարարութեանց, իբր զի ինքն Գէորգը ընտրած էր եւ Գէորգ ռուսական կառավարութենէ հաստատուած էր, ուրեմն իր ընտրութիւնը եւ ընտրութեան ձեւը յարգուած էին, եւ կրկնուած ազդարարութիւններ աչքկապուկի խաղեր էին: Սակայն իրողութիւնը բոլորովին տարբեր էր. ռուսական կառավարութիւնը ոչ թէ համակերպած էր Տաճկահայոց կազմած ձեւին, այլ Էջմիածնի ընտրողական ընդհանուր ժողովը իր քուէով հաստատած էր ինչ որ տաճկահայ երեսփոխանութիւնն էր ըրած, թէ համակերպելով անոր տեսութեանց եւ թէ համոզուած ըլլալով Գէորգի արժանաւորութեան: Ընտրութիւնն իր ոյժը առած էր Էջմիածնի ընտրողականին քուէէն եւ ոչ Կ. Պոլսոյ երեսփոխանութեան քուէէն, թէպէտ նոյն եղած էր երկու քուէարկութեանց ալ արդիւնքը 2760): Էջմիածնի միաբանութիւնը 30 ստորագրութիւն եւ 1884 փետրուար 1 թուական կրող յայտարարութեամբ մը այդ թիւրիմացութիւնը կը պարզէր, եւ իւրաքանչիւր վիճակի պատգամաւորներուն համազգային ընտրողական ժողովին ներկայանալու հարկը, եւ հակառակ գործունէութեան ռուսական կառավարութենէն անընդունելի ըլլալը կը բացատրէր (84. ԱՐՁ. 124), սակայն երեսփոխանութիւնը իր ուղղութիւնը չէր փոխեր, եւ անցեալին մէջ իր կարգադրութեան յարգուած լինելուն համոզուած կը մնար: Եթէ իրօք տաճկահայ երեսփոխանութիւնը անցեալ ընտրութեան իսկական պարագաները կ՚անգիտանար, չենք կարծեր որ Ներսէս ալ անգիտանար քանի որ այն ատեն ատենապետ եւ պատգամաւոր էր եղած, եւ այս անգամ պատրիարք եւ նախագահ էր, բայց կ՚երեւի թէ նախադասած է լռել նոր խնդիրի առիթ չտալու համար, վստահ ըլլալով` թէ Էջմիածնի ընտրողականը այս անգամ ալ կը համակերպի եւ իր քուէով կ՚իրականացնէ Տաճկահայոց փափաքը կամ որոշումը: Երեսփոխանութիւնը մերժելով յանձնաժողովին ընտրութեան նոր ձեւը, ծրագիրին առաջին երկու մասերուն վրայ դիտողութիւններ չըրաւ, միայն ուզեց որ նոր խմբագրութիւն մը ըլլայ գրաբար լեզուով, մինչ առաջինը աշխարհաբար էր խմբագրուած, ուստի կանոնագիրի նոր ծրագիր մը պատրաստուեցաւ դարձեալ երեք մասերով, առաջինը 8, երկրորդը 29 եւ երրորդը 3 յօդուածներով: Վերջին մասին մէջ ընտրութեան կերպը անորոշ թողուած էր, բաւական սեպելով ըսել, թէ կաթողիկոսը կ՚ընտրուի ձայնակցութեամբ համօրէն ազգին Հայոց. եւ թէ ազգին իւրաքանչիւր մասը վարի ըստ իւրոց ներքին ազգային օրինաց (ՅՆՁ. 110-111): Այդ ծրագիրը հաւնուեցաւ նոյեմբեր 25-ի նիստին մէջ եւ եկեղեցական համագումարի յղուեցաւ, որ եթէ կրօնականապէս դիտողութիւն ունի նշանակէ եւ դարձնէ: Նոյն նիստին մէջ կաթողիկոսական յանձնաժողովը ընտրութեան գործադիր յանձնաժողովի փոխուեցաւ եւ անդամոց թիւը 8-ի բարձրացաւ, եւ Մարկոս Աղաբէգեանի հրաժարելովը մնացեալ հինգերուն վրայ 2890) աւելցան եկեղեցականներէն Սիմէոն Սէֆէրեան եպիսկոպոս, եւ աշխարհականներէն Յովհաննէս Նուրեան եւ Յովհաննէս Թորոսեան (83. ՓՆՋ. 1850): Համագումարը իր հաւանութիւնը տուաւ 1884 մարտ 11-ին, եւ երեսփոխանութիւնը վերջնականապէս ընդունեց կանոնական ծրագիրը եւ հաստատեց մարտ 23-ին (ՅՆՁ. 110): Միւս կողմէն երեսփոխանութիւնը զբաղեցաւ Տաճկահայոց ներքին ազգային օրէնքը ճշդելու, եւ որչափ ալ 1866-ի ձեւին վրայ պնդած էր, սակայն անոր մէջ ալ նոր փոփոխութիւն մուծեց: Այն անգամ Ընդհանուրը վերջնական մէկ անձի ընտրութիւն կատարած էր Կ. Պոլսոյ համագումարին եօթնանունին ցանկին վրայ, իսկ այս անգամ որոշուեցաւ բոլոր բացակայ առաջնորդներէն ալ քուէ ուզել եւ առնել, եւ համագումարի քուէներուն հետ հաշուելով եօթնանուն ցանկը կազմել, եւ այդ ցանկէն երեք անուն ընտրել Ընդհանուր ժողովոյ, եւ ինքն ալ իրենց ստացած քուէներու թիւով Էջմիածնի ընտրողական ներկայել, որ անոր մէջ ալ առած քուէները բարդուելով առաւելագոյն քուէ ստացողը կաթողիկոս ընտրուի եւ հռչակուի, եւ Ռուսիոյ կայսրութենէ ընդունուի եւ հաստատուի:

2892. ԸՆՏՐՈՂԱԿԱՆ ԳՈՐԾԵՐ

Ընտրութեանց ձեւակերպութեանց հետ ընտրելի անձնաւորութեան խնդիրն ալ կը յուզուէր բովանդակ հայութեան մէջ, որ թերեւս կարեւորագոյն մասն էր ընտրողական գործողութեանց: Հայութիւնը բովանդակ, Տաճկաստան, Ռուսաստան, եւ ուրուրեք հայ կը գտնուէր միաձայն եւ միասիրտ Ներսէս Վարժապետեանի անունը կը հնչեցնէր, եւ անգամ մըն ալ կը կրկնուէր այն համամտութիւնը որ ուրիշ Ներսէսի մը, Աշտարակեցիին անունին շուրջը յայտնուած էր 40 տարի առաջ 2569): Մէկ ձայն միայն կը զատուէր այդ միաձայնութենէն, եւ այն այլ ինքն Ներսէսի ձայնն էր, որ ինքզինքը անյարմար եւ անբաւական կը հռչակէր կաթողիկոսական բեռը բառնալու, հիմնուելով մանաւանդ ախտաւոր կացութեանը վրայ, չմոռնալով յիշել նաեւ իր կարողութեանը նուազութիւնը: Ներսէս առիթ չէր փախցներ բանիւ եւ գրով, յայտագիրով եւ պաշտօնագիրով իր կանխազեկոյց հրաժարականը պնդել, քանի լսէր եւ կ՚իմանար թէ նախապատրաստական գումարումներ, կէս պաշտօնական համախմբութիւններ, հրապարակագրական արտայայտութիւններ իր անունը կը կրկնեն իբր նախապատիւ արժանաւոր եւ իբր բացարձակ ընտրելի: Բայց կարծես հակառակ արդիւնք կու տային այդ հրաժարականները, եւ առիթ կ՚ընծայէին նորանոր ցոյցեր աւելցնելու: Իր հրաժարականները կը բաղդատուէին պատրիարքութենէ տուած հրաժարականներուն, զորս իր պաշտօնավարութեան միջոցին գրեթէ իւրաքանչիւր տարի կրկնած էր, բայց եւ պաշտօնէն չէր հեռացած, ժողովական պնդումներու կամ պարագայից պահանջներու եւ կամ բարձրագոյն հրամաններու առջեւ զիջանելով. կաթողիկոսանալու ալ հարկաւ կը զիջանէր երբոր ընտրութիւնը լրանայ եւ հարկը ստիպէ: Իսկ Ներսէս իր կողմէն իբր յարմարագոյն ընտրելի կը ցուցնէր Մակար Տէր-Պետրոսեան եպիսկոպոսը, որ Բեսարաբիոյ առաջնորդ էր եւ կաթողիկոսական տեղակալութեան անցած էր 2886), եւ որուն խոհականութեան եւ պատկառելի անձնաւորութեան վրայ մեծ յարգ կը տածէր Ներսէս: Բաւական խօսուած անուն մըն ալ Մկրտիչ Խրիմեանն էր, որ լիովին ծանօթ է մեր ընթերցողներուն եւ հանրածանօթ էր հայութեան մէջ: Չորրորդ անուն մըն ալ Զմիւռնիոյ առաջնորդ Մելքիսեդեկ Մուրատեան եպիսկոպոսն էր, որուն ի նպաստ յառաջ կը բերուէր ուսումնականութեան համբաւը, առողջ եւ տոկուն կազմը, եւ մանաւանդ ռուսական լեզուի եւ օրէնքներու հմտութիւնը: Ասոնց հետ կը յիշուէր նաեւ Յարութիւն Վեհապետեանի անունը, որ Կարնոյ առաջնորդութենէն հրաժարած Երուսաղէմի պատրիարքական փոխանորդութիւնը կը վարէր, բայց շատ պնդողներ չունէր (84. ԱՐՁ. 100): Սակայն բոլոր յիշուածներուն արժանիքէն անպայման գերազանց կը նկատուէր Ներսէս իբր ազգային կեանքին գիտակ, ազգային կացութեան վերանորոգիչ, անկեղծ եւ ազգասէր անձնաւորութիւն, գործունեայ եւ նախաձեռնարկ. ուսեալ եւ լեզուագէտ, եւ մանաւանդ եկեղեցական եւ քաղաքական գործոց փորձառու: Շատ ընդարձակ պիտի ըլլար մեր գրելիքը, եթէ ժամանակակից յիշատակարաններէն եւ լրագիրներէն յառաջ բերուած մանրամասնութիւնները քաղել ուզէինք, այլեւ մեր ընդհանուր տեսութեանց ոճէն հեռացած պիտի ըլլայինք, ուստի մտադիւր զանց կ՚ընենք անոնց մէջ մտնել: Յիշենք միայն թէ երբ Ներսէսի անունը ընդհանուր կը հռչակուէր, զայն աղարտելու եւ անոր արժանիքը նուազեցնելու աշխատողներ ալ կային, սովորական ընդդիմադիրները եւ անոնց հեռաւոր ձայնակիցները, սակայն լուրջ եւ իրական բան մը չէին կրնար առարկել (84. ԱՐՁ. 55), եւ Ներսէսի անունին շուրջը կազմուած համամտութիւնը երթալով կ՚աճէր: Կաթողիկոսական յանձնաժողովը որ ուսումնասիրող եւ ծրագրող մարմինէ գործադիր մարմին դարձած էր, պատրիարքի նախագահութեամբ ընտրական գործողութիւնները կը մղէր, եւ 1884 յունուար 1-էն բոլոր առաջնորդներուն շրջաբերական էր ցրուած իրենց քուէն յղելու (84. ԱՐՁ. 69), եւ նոյն թուականով Մակար տեղապահին ալ հաղորդած էր, աւելցնելով միանգամայն թէ Կ. Պոլսոյ ծրագրած եղանակը արդէն իսկ ընկալեալ է ի հզօր պետութենէ անտի Ռուսաց առանց դիտողութեան իրիք (84. ԱՐՁ. 114), ինչ որ ուղիղ չէր, ինչպէս բացատրեցինք 2891), եւ որուն պատասխանն է միաբանութեան փետրուար 1-ի գրութիւնը (84. ԱՐՁ. 124): Սակայն Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանը իր որոշած ճամբով յառաջեց, եւ մարտ 12-ին Մեծ պահոց երկուշաբթին եկեղեցական համագումարը հրաւիրուեցաւ ընտրելեաց եօթնանուն ցանկը քուէարկելու: Յիշեալ օրը ժողովը Մայրեկեղեցւոյ մէջ բացուեցաւ մեծ հանդիսութեամբ եւ շարականներով. Եսայի պատրիարք կը խուսափէր, Գրիգորիս Ալէաթճեան եպիսկոպոս կ՚ատենապետէր ժողովին, որին ներկայ էին 1 պատրիարք, եւ 13 եպիսկոպոս, 16 վարդապետ եւ 27 աւագերէցներ, ընդամէնը 57 ժողովական, որոնց մէջ կը գտնուէին Կ. Պոլիս գտնուող եւ յատկապէս եկող առաջնորդներ. 10 հոգի Կ. Պոլսոյ մէջէն քուէին նամակով յղած էին, եւ 29 քուէ ալ բացակայ առաջնորդներէ եւ եպիսկոպոսներէ եւ վանահայրերէ եկած էր, ընդամէնը 96 քուէ, Աղթամարի եւ Երուսաղէմի աթոռներէն եկածներն ալ մէջը, իսկ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը մերժած էր մասնակցիլ, եւ միայն 20 քուէներ կը պակսէին 116 հրաւիրագիրներէն: Քանի մը ճառեր խօսուեցան ընտրութեան կարեւորութիւնն ու նշանակութիւնը բացատրող սովորական խօսքերով. քուէարկութիւնը լրացաւ, քուէհամարի համար եօթը վարդապետներ որոշուեցան Օրմանեանի գլխաւորութեամբ, եւ դիւանադպիր Խորէն քահանայ Փէհլիվանեանի գործակցութեամբ. եւ կաթողիկոսական յանձնաժողովոյ մասնակցութեամբ: Քուէհամարի արդիւնքը միայն երեք ընտրելիներ տուաւ բացարձակ առաւելութեամբ, այսինքն Ներսէս 63, Մակար 53 եւ Մելքիսեդեկ 51 քուէով: Մեծ բազմութիւն մը իբր 2, 000 հոգիներու խռնուած էր Մայրեկեղեցւոյ մէջ որ մեծադղորդ ծափերով եւ կեցցէներով ողջունեց առաջին հռչակուած Ներսէսի անունը: Միայն երեքին բացարձակ քուէ ստանալը եւ միւսներուն ետեւ մնալը հետեւանք էր Ներսէսի ընտրելիութեան աշխատողներուն ճարտար դարձուածին. այսինքն լոկ քանի մը անուն գրելով գոհանալնուն, որով երկրորդական եւ աննշանակ անուններ քուէ չէին ունենար, մինչ կրնային ունեցած ըլլալ եթէ եօթը թիւը լրացնելու համար թարմատար անուններ աւելցուէին: Եթէ 96 քուէներ եօթնական անուն ունենային 672 քուէ պիտի ըլլար, մինչ 7-է մինչեւ 1 անուն պարունակող տոմսերը հաշիւի առնելով միայն 514 քուէ տրուած էր, որոնց 167 քուէն կը պատկանէր երեք բացարձակ ընտրելիներուն, եւ 257 անոնց հետեւող ութերուն, որոնք համեմատականի պիտի մնային, իսկ 90 քուէներ զանազաններու վրայ ցրուած էին (84. ԱՐԼ. 59): Եօթնանուն ցանկը լրացնելու համար միւս երկուշաբթի մարտ 19-ին երկրորդ գումարում եղաւ, եւ համաձայնութիւն գոյացաւ առանց համեմատականի քուէարկութեան մերձաւորումները ընդունիլ, եւ ցանկին անցան Իզմիրլեան 48, Եսայի պատրիարք 39, եւ Խրիմեան 38 քուէով, իսկ եօթներորդ համար Յարութիւն Վեհապետեան եւ Խորէն Աշըգեան առնուեցաւ: Մնացեալ երեքներն էին Արիստակէս Սեդրաքեան 25, Խորէն Մխիթարեան 20, եւ Խորէն Նարպէյ 17 քուէով: Երկրորդ ժողովը փակուեցաւ եօթնանուն ցանկը Ընդհանուր ժողովոյ ներկայացնելու որոշմամբ (84. ԱՐԼ. 65), որ իր քուէարկութիւնը կատարեց ապրիլ 2-ին աւագ երկուշաբթի օր, եւ 101 ներկայ քուէներէն Ներսէս ստացաւ 62, Խրիմեան 50 եւ Մելքիսեդ 42 քուէ (48. ԱՐՁ. 201): Եկեղեցական համագումարը յարգելով Ռուսահայոց պատիւը, եւ Ներսէսի թելադրութիւնը երկրորդ տեղը Մակարին էր տուած, իսկ երեսփոխանութիւնը ժողովրդական խաւերու անսալով Մակարը դուրս էր թողած, եւ երկրորդ տեղը Խրիմեանի տուած: Ներսէսի նախադասուիլը ընդհանուր փափաքը լրացուցած էր, զի համագումարն ալ բացարձակապէս մերժած էին Ներսէսի իրենց ուղղած կրկին եւ կրկին հրաժարականները:

2893. ՆԵՐՍԷՍ ԸՆՏՐԵԱԼ

Տաճկահայոց Ընդհանուր ժողովը այս անգամ 130 ձայներու զօրութեամբ միակ ընտրեալ մը չէր առաջարկեր, այլ կը հաւանէր որ երեք ընտրելիներու ստացած քուէներուն վրայ Էջմիածնի մէջ ստանալիք քուէները գումարուելով, երեքի մէջէն առաւելագոյն ստացողը ընտրեալ հռչակուի, որով հնար էր որ իր առաջին ընտրեալն իսկ ետեւ մնար: Իրենց այդ որոշումը Էջմիածին հաղորդելու համար պատգամաւոր յղելու խնդիրն ալ ծեծուելով եւ փոփոխուելով, վերջապէս յատուկ անձ չյղելու եւ գիրով Մակար տեղապահը պատուիրակ եւ ներկայացուցիչ անուանելու միտքը զօրացաւ, եւ ըստ այնմ ալ գործադրուեցաւ: Էջմիածնի համազգային ընտրողութիւնը բացուեցաւ մայիս 7-ին 32 ժողովականաց ներկայութեամբ յաջորդ օրը չորս ընտրելիներ զատուեցան, եւ 9-ին ընտրութիւնը լրացաւ, եւ Տաճկահայոց երեք ընտրելիներ ստացան Ներսէս 27, Մելքիսեդ 19, եւ Խրիմեան 13 քուէ, որով ասոնց առաջին երկուքը իբր վերջնական ընտրելի կամ ընտրեալ նկատուեցան կայսերական որոշման ենթարկուելու համար (84. ԱՐԼ. 107) պինդ բռնելով պօլօժէնիէի կանոնը, որ միայն ներկաներու քուէները կ՚ընդունի, եւ արդէն ալ յայտարարուած էր կառավարութեան ներկայացուցիչ մեծ պրօկուրօր Մեհրապովի կողմէն: Մակար տեղակալ որ Տաճկահայոց միակ ներկայացուցիչն էր յատուկ քուէ չտուաւ, բայց չկրնալով Տաճկահայոց երեսփոխանութեան որոշումը պօլօժէնիէի օրէնքին նախադասել տալ, իր բոլոր ազդեցութիւնն եւ ոյժը գործածեց, գործողութիւնը Տաճկահայոց ընտրելիներու վրայ ամփոփելու, եւ ինքն բացարձակապէս ընտրելիութենէ հրաժարեցաւ գործին խանգարում չբերելու համար, եւ Ներսէսի տուած հրաժարականը անընդունելի հռչակեց: Մակարի բռնած այս ընթացքը իրաւամբ գնահատուեցաւ զի գուցէ ուրիշ մը կամ ուրիշ ընթացք մը կրնար բոլորովին ազգավնաս ելք մը տալ խնդրոյն (84. ԱՐԼ. 107): Հետեւաբար մայիս 8-ի չորս ընտրելեաց քուէարկութեանը մէջ միաձայն հաւանութեամբ ընդունուեցան Տակճահայոց երեք ընտրելիները իրենց կարգով, եւ չորրորդ աւելցուեցաւ Եսայի պատրիարք ի պատիւ իր աթոռին (84. ԱՐԼ. 106): Այս կերպով դարձեալ Տաճկահայոց կամքը իրագործուեցաւ Էջմիածնի ժողովականներուն համաձայնելովը եւ ոչ իրենց ընտրական որոշման զօրութեամբը: Բայց Տաճկահայեր ընդհանրապէս գոհ մնացին արդիւնքէն որ իրենց ուզածն էր, առանց կերպին վրայ անդրադառնալու: Միայն ոմանց եւ գլխաւորապէս Վանեցիներու կողմէ իբր 7, 500 ստորագրութեանց ներկայացուցիչ 8 անձերու ստորագրութեամբ (84. ԱՏՆ. 43-46) դիտողութիւն եղաւ, որ Տաճկահայոց կողմէ Խրիմեան 50 եւ Մելքիսեդեկ 42 քուէ ստացած ըլլալով, եթէ Էջմիածնի մէջ ստացած 13 եւ 19 քուէները գումարուին Խրիմեան 63, եւ Մելքիսեդ 61 քուէ ստացած կ՚ըլլան, եւ երկրորդ ընտրելին Խրիմեան եւ ոչ Մելքիսէդ պէտք էր նկատուէր (84. ԱՏՆ. 45), եւ այս տեսութեամբ Մակար եպիսկոպոսի պատուիրակութիւնը անգոհացուցիչ եւ մեղադրելի կը դատուէր, մինչ կաթողիկոսական յանձնաժողովը գոհունակութիւն յայտնելով Ընդհանուր ժողովոյն կողմէ շնորհակալեաց արտայայտութիւն կը յանձնարարէր (84. ԱՏՆ. 48), եւ խնդիրը կը փակուէր լիագոյն տեղեկութիւններ ստանալու որոշումով (84. ԱՏՆ. 51): Բայց միշտ աչքէ վրիպեցնելու չէ այդ դիտողութիւներն ընողներ միշտ Տաճկահայոց որոշումներուն ռուսական կառավարութենէ յարգուած ըլլալուն թիւրիմացութեամբը կ՚օրօրուէին, եւ Էջմիածնի ընտրողական համակերպութենէն կը խաբուէին: Միւս կողմէն Ներսէսի առաջին ընտրեալն ըլլալը, եւ երկրորդին քուէներուն վրայ նշանաւոր տարբերութիւն ունենալը, եւ Ռուսիոյ կառավարութեան միշտ առաջին ընտրելին հաստատած ըլլալը, եւ Ներսէսի հանդէպ Ռուսական կայսրութեան համակիր վերաբերումը, կատարեալ վստահութիւն կ՚ազդէին անոր պաշտօնապէս հաստատուելուն, եւ արդէն Ներսէս վեցերորդ կոչմամբ կ՚ողջունուէր Վարժապետեանը: Շնորհաւորական հեռագիրներ ամէն կողմէ, մօտէն եւ հեռուէն, Թուրքիայէն եւ արտասահմանէն հեղեղաբար կը տեղային Ներսէսի բնակարանը, կայսերական շնորհիւ ստացած Օրթաքէօյ արուարձանի Թաշվէրտիվէն փողոցի ընդարձակ տունը, ուր փոխադրուած էր ապրիլ 23-ին (84. ԱՐԼ. 94), որ է ըսել ապրիլ 2-ի Տաճկահայոց ընտրութենէն քիչ ետքը, եւ մայիս 9-ի Էջմիածնի ընտրութենէն քիչ առաջ: Այցելուներ անընդհատ կը շարունակէին, խնդրանք, աղաչանք, թախանձանք ամենէն եւ ամէն կողմէ կը կրկնուէին, բայց Ներսէս անդրդուելի էր իր հրաժարականին վրայ, եւ անմիջապէս նորէն հեռագրած էր Մակար տեղապահին, որպէսզի ժողովը չցրուած նոր ընտրութիւն ընել տայ, սակայն նա 11-ին կը պատասխանէր Ներսէսի, թէ ժողովը լուծուած էր, եւ անդամք մեկնած էին երբ ստացայ ձեր հեռագիրը (84. ԱՐԼ. 109): Ներսէս կը փութար ուղղակի Ռուսաց կայսեր ալ հեռագրել իր հրաժարականը, որուն պատասխանը մայիս 24-ին կը բերէր ռուսական դեսպանատան խորհրդականը, թէ կայսրը բացարձակապէս մերժած է անոր հրաժարականը (84. ԱՐԼ. 113), եւ նոյն ինքն դեսպանն ալ անձամբ գալով հրաժարականի վրայ չպնդելը կը խնդրէր, եւ թէ կայսրը մտադիր է հաստատել, եւ կը փափաքի որ հրաժարականի խօսք չըլլայ. սակայն Ներսէս ոչ մի կերպով կը զիջանէր եւ միշտ իր հրաժարականը կը պնդէր: Ներսէսի յառաջ բերած պատճառներուն գլխաւորը եւ վճռականը իր խախտուած առողջութիւնն էր, բայց բերանացի զրոյցները իբր պատճառ կը ցուցնէին նաեւ պօլօժէնիէի խնդիրը, ազգին պահանջները եւ գոհացնել չկրնալը եւ հակառակորդ խումբին պատրաստած դժուարութիւնները (84. ԱՐԵ. 398): Ներսէսի միտքին վրայ ազդելու համար եկեղեցական անձ մը ուժգին եւ զոգ պատգամախօսական ոճով ընդարձակ նամակ մը կը հրատարակէր, եւ աստուածային կամքին հնազանդելու պարտքը կը յիշեցնէր, եւ համարձակ կ՚եզրակացնէր. եթէ եկեղեցւոյ ծառայութենէ դուրս ձեզ հանգիստ եւ դիւրութիւն գտնել կը կարծէք, կամ թէ յօժարակամ ընկալեալ լուծը, ոչ անդ եւ ոչ այնպէս կը ձգտիք վարել, ուր եւ որպէս երկնաւոր ուղղիչին կամքը կ՚առաջնորդէ, ոչ եկեղեցին եւ ոչ եկեղեցւոյ գլուխը չեն ներեր ձեզ այն հանգիստը, եւ չխնայեր ի ձեզ Տէր, երբ դուք չէք խնայեր նորա եկեղեցւոյն (84. ԱՐԼ. 102): Նամակը անանուն հրատարակուած էր, բայց Օրմանեան իր ստորագրութեամբ եւ անձամբ յանձնած էր զայն Ներսէսի ձեռքը: Ամէն կերպեր գործածուեցան եւ ամէն միջնորդներ միջոցներ ձեռք առնուեցան, բայց անհնար եղաւ Ներսէսը իր անդրդուելի կամքէն ետ կեցնել: Նա յայտնապէս իր կեանքին մօտալուտ վախճանը կը խօսէր, եւ քանի մը օրուան համար տեղափոխուիլը եւ ազգային նոր տագնապ ստեղծելը անխորհուրդ կը գտնէր, եւ նոյն իսկ ուղեւորութիւնը կատարելու ինքն անկարող կը զգար: Իրօք ալ թէպէտ մերթընդմերթ ինքինքեան բուռն ճիգ ընելով կարեւոր գործերու եւ այցելութիւններու կը զբաղէր, բայց օր ըստ օրէ կը ծանրանար իր առողջական վիճակը, տունէն ելնել չկրնալու (384. ԱՐԼ. 163), եւ օրական ծանուցագիրներու պէտք տեսնուելու չափ (84. ԱՐԼ. 169), եւ մինչեւ իսկ անկողին իյնալու պարտաւորուելով, զի քաղցրամիզութեան զայրանալովը` բնասպիտը սիրտին վրայ ներգործելու կը սկսէր (84. ԱՐԼ. 175), եւ հիւանդութիւնը օրէ օր վտանգաւոր կը դառնար (84. ԱՐԼ. 192): Միւս կողմէն յուլիսի սկիզբները սկսաւ լսուիլ թէ Ռուսիոյ կայսրը ընդունած է կամ պիտի ընդունի Ներսէսի հրաժարականը (84. ԱՐԼ. 155), եւ այս մասին կերպկերպ խորհրդածութիւններ ալ սկսան խօսքի եւ գիրի նիւթ ըլլալ (84. ԱՐԼ. 161):

2894. ՆԵՐՍԷՍ ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ

Մայիս 9-ի ընտրութենէն գրեթէ չորս ամիս անցեր էր, եւ կաթողիկոսական գահուն պարապութիւնը կը շարունակէր տատամսոտ անստուգութեան մէջ Ռուսիոյ կայսեր որոշումը կը յապաղէր, անշուշտ Ներսէսի դժկամակութիւնը յաղթելու ակնկալութեամբ, եւ հիւանդութեան ելքը տեսնելու դիտաւորութեամբ, որ դժբախտաբար օրըստօրէ յուսաբեկութեան կերպարան կը զգենուր: Վերջապէս օգոստոս 27-ին Պետրբուրգի մէջ կը հրատարակուէր, եւ սեպտեմբեր 3-ին Կ. Պոլսոյ մէջ թղթակցութեան միջոցով կ՚իմացուէր, թէ կայսրը հիմնուելով Ներսէսի բացարձակ հրաժարելուն, եւ այս պատճառով երկու ընտրելիներ առաջարկելու կանոնին եղծուելուն վրայ, մայիս 8 եւ 9 օրերը կատարուած ընտրութիւնը անհետեւանք կը հռչակէ, եւ Էջմիածնի սինոդին կը հրամայէ նոր ընտրութիւն կատարել: Առաջին ընտրելին պակսած ատեն երկրորդին ընտրուիլը շատերէն օրինաւոր եւ հաւանական կը կարծուէր, բայց այդ պարագայն ալ հեռացնելու համար պետական պաշտօնագիրը քանի մը թերութիւններ նկատած էր ընտրական գործողութեանց մէջ. 1. Միաբանութեան ներկայացուցիչները աւագագոյններէն առնուելու տեղ կրտսերագոյններէն առնուեր են. 2. Պարսկաստանի ներկայացուցիչը մեծամասնութեան ընտրեալը չէ եղեր. 3. Վանեցւոց գրութիւնները նկատի չեն առնուեր: Բայց նոյն իսկ պաշտօնագիրը ասոնց ծանրակշռութիւնը կը նուազեցնէր երբ ընտրութեան հետեւանք չտալու համար գլխաւորապէս Ներսէս պատրիարքի ներկայացուցած հրաժարականի վրայ կը պնդէր (84. ԱՐԼ. 202): Սակայն երկրորդ ընտրելին Մելքիսեդեկը չընդունելու համար յիշեալ պատճառներէն զատ ուրիշ ներքին պատճառ մըն ալ կը խօսուէր, եւ այս ալ ճիշդ այն պարագայն էր, որ ոմանց կարծիքով անոր վրայ առաւելութիւն նկատուած էր, այսինքն ռուսական լեզուին եւ օրինաց հմուտ 2892), եւ նոյն իսկ ռուսաստանցի ըլլալը: Իբր զի նա պետական կանոններու դէմ գործած էր առանց իր կառավարութեան գիտակցութեան եւ հաւանութեան անցնելովը, եւ կառավարութիւնը եթէ զայն չէր հալածեր, չէր ալ կրնար իր որոշմամբ արդարացնել եւ վարձատրել: Այդ դժուարութիւնը կանուխէն ալ յարուցուած էր անոր եպիսկոպոսութեան համար Էջմիածին երթալուն առթիւ, եւ միայն Ներսէս պատրիարքի եւ ռուսական դեսպանի միջեւ տիրող մտերմութեան զօրութեամբ, իբր բնիկ Տաճկաստանցի Մելքիսեդեկ վարդապետ մը ներկայացած եւ գնացած էր, անգիտանալով կամ անգիտակ ձեւացնելով թէ նոյն ինքն Ռուսաստանցի Գարեգին Մուրատեանն էր նա, որ հակառակ օրինական ձեւակերպութեանց իր հպատակութիւնը փոխած եւ պետական օրինաց զանցառու գտնուած էր: Այսպէս թէ այնպէս կաթողիկոսական աթոռը 20 ամիսներէ ի վեր թափուր մնալէ ետքը երկրորդ անգամ թափուր կը հռչակուէր (84. ԱՐՁ. 501), եւ ընտրողական ժողովը փակուած եւ ցրուած ըլլալուն, հարկ կը ծագէր նորէնոր ընտրողական ձեւակերպութեանց եւ պատրաստութեանց սկսիլ, որոնց մենք ալ պիտի վերադառնանք սոյն միջոցին կատարուած մտադրութեան արժանի եղելութիւնները քաղելէ ետքը:

2895. ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆՔ

Այս ժամանակամիջոցին մէջ որ ընտրողական գործողութիւնք բուռն հետապնդութեամբ կը կատարուէին ուրիշ խնդիրներ ալ պակաս չէին Կ. Պոլսոյ մէջ, որոնք որչափ եւ ուշագրաւ եւ ազգային կեանքին հետ կապակցած ըլլային, համառօտ յիշատակութիւններով քաղել, եւ ամփոփել բաւական պէտք է սեպուի: Առաջին կարգին մէջ դնենք Մկրտիչ Քէֆսիզեան Կիլիկիոյ կաթողիկոսին մեղադրելի ընթացքը, որուն նախընթացները ընդարձակօրէն պատմած ենք 2858-2861). իսկ Կիլիկիա դառնալէն ետքը աւելի համարձակօրէն իր աղիկամի ընթացքին մէջ կը յառաջէր: Նենգամիտ ճամբաներով ձեռք ձգած հրովարտակը, որով իբրեւ թէ Կ. Պոլսոյ պատրիարքութենէն անկախ կ՚ապահովուէր, եւ իբրեւ թէ նոր եւ անջատ հայ ազգութիւն մը կը կազմէր, ոչ միայն ետ չէր դարձներ, այլ կառավարութեան առջեւ Կ. Պոլսոյ պատրիարքին պահանջները իբր ռուսական ազդեցութեան տարածուելուն եւ զօրանալուն ձեռնտուութիւն ներկայելով պետական պաշտպանութիւն կը հայթայթէր: Իր բռնական ընթացքը Կիլիկեցի համայնքին վրայ, դրամ դիզելու համար գործածած կեղեքիչ միջոցները, առանց քաշուելու կատարեալ առեւտրականի քան թէ կաթողիկոսի վայել ձեռնարկները, աթոռը լքեալ եւ ժողովուրդը անխնամ թողլով` շահի ետեւէն թափառիլը, ազգավնաս եւ մինչեւ ազգադաւ միջոցները, բոլոր իր ժողովուրդն ալ զզուեցուցած էր, որ թախանձանօք անոր դէմ պաշտպանութիւն կը խնդրէր կեդրոնէն, բայց սա խիստ միջոցներէ կը զգուշանար, վախնալով որ մի գուցէ բացարձակ հերձուածի առիթ տուած ըլլայ, կամ պետական գայթակղութիւն մը ծագի. միանգամայն վարանոտ էր իր ձեռնհասութեան չափին վրայ, զի թէպէտ կաթողիկոս մը հաստատելու իրաւունք գործածած էր, բայց կաթողիկոս մը պաշտօնանկելու, կամ եկեղեցականապէս պատժելու իրաւասութիւն ունենալուն վրայ կ՚երկբայէր: Խնդիրը երբեմն վարչութեան սեղանին եւ երբեմն երեսփոխանութեան առջեւ կ՚ելլար, բայց միշտ առանց որոշման կը փակուէր, եւ Ներսէս ինքն ալ ծայրայեղ միջոցներու չէր դիմեր եւ կառավարութեան ձեռքով հրովարտակին յետս կոչուիլը կը յուսար յաջողցնել, ինչպէս որ եպարքոսը կը յուսադրէր, բայց նախարարութիւնը Քէֆսիզեանը կը քաջալերէր (84. ԱՐՁ. 157-160): Ուրիշ տագնապալի խնդիր մըն ալ որ Կ. Պոլսոյ պատրիարքութիւնը կը զբաղեցնէր, Երուսաղէմի պարտուց բարձման գործն էր, որ տակաւին կը շարունակէր ինչպէս պատմած ենք 2887), եւ հազիւ Ներսէսի կաթողիկոսութեան ընտրութենէն ամիսի մը չափ ետքը կառավարութեան հրամանը կը ստացուէր, երբ միւս կողմէ Ներսէսի կաթողիկոսութենէ հրաժարելուն խնդիրն ալ կը յուզուէր, եւ գործը հազիւ յաջորդ պատրիարքին օրովը կը կարգադրուէր 2876-2878): Կարնոյ բանտարկելոց խնդիրն ալ սոյն այս միջոցին տեղի կ՚ունենար, եւ յունիս 6-ին կը ստացուէր ներման պաշտօնագիրը (84. ԱՐԼ. 130), Երուսաղէմի գործին հետ միեւնոյն օրը, ինչպէս որ այդ նեղութեան ալ պարագաները արդէն տուած ենք 2888): Օրմանեան ալ տակաւին Կ. Պոլիս կը մնար, նախ բանտարկելոց եւ յետոյ Ներսէսի գործերով զբաղած, որուն համար բանիւ եւ գիրով աշխատած ըլլալը յիշած, եւ իր Կարին դառնալն ալ պատմած ենք 2888): Այս իրողութեանց ժամանակ Ներսէսի հիւանդութիւնը տակաւ կը ծանրանար, բայց նա իր կարողութեան ներածին չափ գործերու մղում տալէ ետ չէր մնար, կը բաղձար եւ կ՚աշխատէր հայկական բարենորոգմանց խնդիրն ալ յաջող ելքի մը յանգեցնել, եւ կայսեր կողմէ վկայուած բարեկամութեան նշանները իրական արդիւնքի վերածել, սակայն հակառակ իր ջանքերուն գործը զգալի փոփոխութիւն մը չէր ստանար: Անձնական դիմումներու աշխատութիւնը կը պարտաւորուէր յանձնակատարներու ձեռամբ ալ լրացնել, եւ համակրական եւ խոստմնադիր վերաբերումներու լուրերով կը սփոփուէր, բայց դժբախտաբար իրական յաջողութեան մխիթարանքը չէր ունենար: Տիրող վարանոտ կացութեան հետեւանօք գաւառներու գործերն ալ լքուած կացութիւն մը առած էին, առաջնորդներ կը պակսէին, բայց վիճակներ անառաջնորդ մնալու հոգ չէին ըներ, եւ ընտրութեան դժուարութիւններն ալ տեղի կ՚ունենային: Խառն ժողովը 1884 յունիս 20-ին կ՚առաջարկէր իբրեւ բացառիկ տնօրէնութիւն պատրիարքարանի կողմէ առաջնորդներ կարգել (84. ԱՏՆ. 231), սակայն նախաձեռնութեան դիւանը համամիտ չէր գտնուած (84. ԱՏՆ. 232), Ընդհանուր ժողովին մէջ ալ նոր ծրագիր կ՚առաջարկուէր մեղմացուցիչ պայմաններով (84. ԱՏՆ. 236 եւ 294) եւ վերջապէս կ՚որոշուէր որ նախապէս ներկայացուցի անառաջնորդ վիճակներու ցանկը եւ առաջնորդ չընտրուելուն պատճառը, եւ ըստ այնմ արտօնուի խառն ժողովը բացառիկ տնօրէնութիւն ընել (84. ԱՏՆ. 301): Շատոնց ի վեր ազգին մէջ կը խօսուէր թաղական վարժարաններէ աւելի բարձր վարժարան մը ունենալ, ուր թաղականներու շրջանաւարտներ կարենան ազգային լեզուով եւ ազգային դրութեամբ բարձրագոյն ուսում ստանալ, եւ այդ հաստատութեան Կեդրոնական անունն ալ յատկացուած էր, Ներսէս իր պատրիարքութեան ատեն մշակեց այդ գաղափարը, զայն Ղալաթիոյ մէջ հաստատելու, եւ նորաշէն վարժարանը անոր յատկացնելու, եւ Լուսաւորչի եկեղեցւոյն եւ Փրկչական ուխտատեղւոյն հասոյթները եւ կալուածական եկամուտները նոյն հաստատութեան սեփականելու կէտերը հետզհետէ որոշման ներքեւ առնուեցան: Աւելի մեծ խնդիրը կեդրոնական վարժարանին ծրագիրին եւ նպատակին եւ բնութեան մասին յուզուեցաւ: Ներսէս մինչեւ իսկ տունէն ելնելէ արգիլուած ատեն տունին մէջ հաւաքեց այդ խնդիրով զբաղող ժողովներն ու յանձնաժողովները, եւ գործին մղում տալու ամէն միջոցները գործածեց, թէպէտ լրացած տեսնելու մխիթարութիւնը չունեցաւ. այսուհանդերձ Ղալաթիոյ Կեդրոնական վարժարանը իբր Ներսէսի ձեռնարկ նկատուեցաւ եւ անոր անունին յիշատակարան ընդունուեցաւ (84. ԱՐԼ. 248):

2896. ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ

Ներսէսի պատրիարքութեան ժամանակի մտադրութեան արժանի գործերէն մէկն ալ ազգային հիւանդանոցի բարեկարգութիւնն էր: Հիւանդանոցի հիմնարկութիւնը եւ նախնական պարագաները պատմած ենք 2501), բայց իբրեւ ազգային հաստատութեանց կարեւորագոյնը արժան է որ յաջորդ դէպքերն ալ քաղենք, զորս ցարդ ստիպուեցանք աչքէ վրիպեցնել յուզիչ խնդիրներու պատճառով: Սահմանադրութեան հաստատուելուն օրէն սկսելով ծանր իրողութիւն դարձաւ պատրիարքարանի դրամական մատակարարութիւնը, զի ունեւոր եւ նպաստող ամիրայք գործէ ձեռք քաշեցին, եւ սահմանադրական ազգայինք դրամական զոհողութեանց թէ անկար եւ թէ անկամ էին: Երեք սնտուկներ կային մատակարարուելիք, պատրիարքարանինը եւ հիւանդանոցի եւ տնանկ աղքատացը: Վերջին երկուքը միացած էին արդէն, երբ Պօղոս Թաքթաքեանի պատրիարքութեան օրով կարօտ եւ անխնամ կացութիւնը եւս քանզեւս կը ճնշէր, եւ 1867-ին խորհուեցաւ երեք սնտուկներու միացմամբ 14 հոգիներէ հոգաբարձութիւն մը կազմել, եւ մայիս 16-ին կանոնագիր մը, եւ 27-ին ընդարձակ հրահանգ մըն ալ յանձնուեցաւ անոնց (ՔԷՉ. 176-183): Ասոնց գործի ձեռնարկելնուն սկիզբը հիւանդանոց այցելութենէն ետքը այն գաղափարը կազմեցին, թէ ազգին թշուառները այդ տեղ ղրկելէն աւելի աղէկ է ոտքերնին քար մը կապած Գըզգուլէսիի հոսանքին մէջ նետել (ՔԷՉ. 184): Սակայն յիսնօրեայ եղաւ իրենց պաշտօնավարութիւնը, մայիս 15-էն յունիս 30 (ՔԷՉ. 186), զի անդամներէն երկուքը, որ աւելի գործունեայ դեր կը վարէին, Կարապետ Փանոսեան խմբագրապետ եւ Կարապետ Գալուստեան բժշկապետ, հոգաբարձութեան լոկ հսկողութիւնը բաւական սեպելով, բովանդակ գործունէութիւնը վրանին առնել առաջարկեցին. հոգաբարձութիւնը համակերպեցաւ եւ քաշուեցաւ, Պօղոս պատրիարք ալ հաստատեց յուլիս 13-ի պաշտօնագիրով (ՔԷՉ. 187), եւ պահ մը գործերը փայլուն սկզբնաւորութիւն ունեցան, եւ քանի մը իսկապէս գնահատելի բարւոքումներ կատարուեցան (ՔԷՉ. 189): Փանոսեան յաջողութենէ շլացեալ կամ թէ տաղտկացեալ, չենք գիտեր, երեք ամիս ետքը հոկտեմբերին Եւրոպա մեկնեցաւ, այնտեղի ազգայիններէ նպաստ հաւաքելու նպատակով եւ ամսօրեայ պայմանաժամով, բայց Փարիզի տիեզերական արուեստահանդէսին ատենն էր, եւ երեք ամիսներ անցնելէն ետքն ալ չէր դարձած: Ամէն կողմէ գանգատներ սկսած էին, գործեր կը կաղային, Գալուստեան մինակ մնացած անբաւական էր եղած, ձախող մեկնութիւններ կը տրուէին Փանոսեանի մասին, մանաւանդ երբ լսուեցաւ որ Գալուստեանի գրած էր, եթէ շատ նեղեն զքեզ փութացուր հրաժարականդ (ՔԷՉ. 195): Փանոսեան երբոր 1868 յունուարի սկիզբը դարձաւ, ամենայն ինչ ձախող եւ անբաւարար գտաւ, զի իր վրայէն ազգային վստահութիւնը վերցուած էր եւ նպաստներ ու օգնութիւններ դադարած էին, որով փետրուարի սկիզբը Փանոսեան եւ Գալուստեան գործէ քաշուեցան Բարեկենդանի օրերը, յետին խեղճութեան մէջ թողլով հիւանդանոցը, նոյն իսկ հացի եւ լոյսի պակասութեան մէջ, Փանոսեան մատակարարութիւնը գործին շատ ընդարձակութիւն էր տուած, պատսպարելոց թիւը իբր 400 էր եղած, որոնց համար 98 ամսականաւոր պաշտօնեաներ եւ սպասաւորներ կը պահուէին (ՔԷՉ. 93): Իսկ երբ Փանոսեանի քաշուելովը Բարունակ Ֆէրուհխան բժշկապետ առժամեայ վերատեսուչ անուանուեցաւ, անմիջապէս 1868 փետրուար 4-ի ձմեռնային օրուան մէջ պատսպարեալներէ 121 եւ սպասաւորներէն բաւական հոգիներ դուրս հանուեցան, որ նոր ցաւալի երեւոյթներ յառաջ բերաւ (ՔԷՉ. 194), բայց հիւանդանոցի պատսպարեալները 282-ի եւ սպասաւորները 40-ի վերածուեցան (ՔԷՉ. 195): Փետրուարը ամենախեղճ կերպով անցաւ, մինչեւ որ մարտի սկիզբը Սենեքերիմ Մանուկեան, Մկրտիչ Աղաթոնեան, եւ Խաչիկ Ալեանադեան յանձնառու եղան հոգաբարձութիւնը ստանձնել, որոնց հովանաւոր էր Սերվիչէն ատենապետ վարչութեան եւ մօտէն ալ հիւանդանոցի կարգադրութիւններով կը զբաղէր: Փանոսեան մարտ 17-ին հաշուեկշիռ մը հրատարակեց, որուն դէմ նոր հոգաբարձութիւնը կը բողոքէր մարտ 30-ին, Ընդհանուր ժողովէ որոշուած քննիչ յանձնաժողովը կը տեղեկագրէր թէ Փանոսեան մատակարարը 128, 392 պարտք թողած է, որ իբր ազգային պարտք կրնայ ընդունուիլ, եւ ժողովն ալ օգոստոս 29-ին այդ կերպով խնդիրը փակեց (ՔԷՉ. 198-200): Խրիմեանի պատրիարքութեան օրով Սենեքերիմ Մանուկեան հոգաբարձութիւնը կրցաւ հիւանդանոցի վիճակը առջեւ տանիլ, թէ ոչ նշանաւոր բարւոքումներով, գոնէ գոհացուցիչ ընթացքով մը մինչեւ անոր հրաժարականը 1874 յուլիսին, սակայն օգոստոսին դարձեալ Սենեքերիմ Մանուկեան հոգաբարձութիւնը նորոգուեցաւ նոր կազմութեամբ (ՔԷՉ. 224), որ մինչեւ 1878 գործեց, եւ միայն վերջին միջոցին խնդիրի եւ խօսքի նիւթ եղան իր պաշտօնեաներէն ոմանց գործած զեղծումները: Սենեքերիմ Մանուկեան գործէ քաշուեցաւ ինը տարի շարունակ հիւանդանոցի համար խիղճով եւ արդիւնքով աշխատելէ եւ շատ միջադէպներ եւ կնճիռներ խոհականութեամբ կարգադրելէ եւ փակելէ ետքը, որոնց մանրամասնութեանց մտնել մեզի համար աւելորդ կը դատենք (ՔԷՉ. 237): Միայն ըսենք թէ Մանուկեան իր հոգաբարձութեան մէջ լաւ ընկերներ ունեցաւ (ՔԷՉ. 225): Մանուկեանի քաշուելէն ետքը Ներսէս յաջողեցաւ զօրաւոր հոգաբարձութիւն մը կազմել դրամի զգացումի եւ գործունէութեան տէր անձերէ, որոնցմէ ոմանք մահուամբ եւ ոմանք միջոցէ մը ետքը հրաժարելով փոփոխուեցան եւ դադրեցան. եւ արդիւնաւորութեամբ եւ տեւականութեամբ յանուանէ յիշատակուելու արժանի են Միքայէլ Յակոբեան ատենապետ, Տիգրան Կիւմիւշկերեան գանձապետ, Սերովբէ Կիւլպէնկեան եւ Յովհաննէս Էսաեան (ՔԷՉ. 239), իսկ ներքին բժշկական խնամոց կանոնաւորութեան եւ յաջող արդիւնքներուն մասին գովութեամբ պիտի յիշատակուին Միքայէլ Ռափայէլեան եւ Վիչէն Օրմանեան բժշկապետները: Վերջինիս կազմած 1878-1882 տարիներու քառամեայ (ՓՐԿ. 10-37) ընդարձակ տեղեկագիրը վկայուած է իբր այս հաստատութեան վրայ հրատարակեալ կատարելագոյն ծանօթութիւնը (ՔԷՉ. 246), որուն հետեւած են տարեկան տեղեկագիրներ, ինչպէս 1884-ինը (85. ԱՐԼ. 393), եւ երեսնամեայ ցուցակ մըն ալ առանձինն (ՔԷՉ. 265): Այս հոգաբարձութիւնը իր երկրորդ քառամեայն կը վարէր Ներսէսի մահուան թուականին, եւ իր օրով իրականացան նշանաւոր բարւոքումներ հաստատութեան ամէն ճիւղերուն մէջ, հիւանդանոցը, յիմարանոցը, անկելանոցը, որբանոցը, թէ տեղի եւ թէ խնամոց կողմէ մեծ տարբերութիւններ ստացան, վարչութիւն եւ մատակարարութիւն եւ հսկողութիւն օրինաւոր վիճակի վերածուեցան, եւ ծախքերն զգալապէս աւելնալով մէկտեղ` տարեկան հաշուեփակերուն յաւելեալ եւ պատրաստ գումարներ ճշմարտուեցան մինչեւ 2, 200 օսմանեան ոսկի (ՔԷՉ. 282): Այդ հոգաբարձութեան ամենամեծ արդիւնք եղաւ հիւանդանոցին վերաշինութիւնը, զի Պէզճեանի կառուցած հիւանդանոցը փայտաշէն էր եւ 50 տարիներէ ետքը քայքայուելու մօտեցած ըլլալէն զատ, տիրող կացութեան համեմատական չէր: Սոյն այս հոգաբարձութիւնն եղաւ որ վերաշինութեան գործին ձեռնարկեց իրեն դուրսէն օգնականներ ալ աւելցնելով, եւ հիւանդանոցին հին փայտաշէն մասերը քանդելով նոր յատակագծի վրայ եւ նոր առողջապահիկ պահանջումներու համապատասխանող կրկինէ աւելի ընդարձակութեամբ քարուկիր նոր շինուածներ սկսաւ կառուցանել, եւ 1884-ին Ներսէսի մահուան թուականին արդէն գործը սկսած էր եւ կը յառաջէր:

2897. ՀԱԿԱՀԱՍՈՒՆԵԱՆՑ ՎԵՐՋԸ

Շատոնց չենք խօսած հայկաթոլիկ հասարակութեան գործերուն եւ հակահասունեանց կացութեան վրայ, զոր թողած ենք Քիւբէլեանի փախուստին եւ Օրմանեանի խումբին վերադարձին պարագաներուն 2851): Այդ դէպքերը բաւական ցնցեցին հակահասունեանց վիճակը, որ ներքնապէս ալ օրըստօրէ կը տկարանար աննշանակ ձգտումներով: Հասուն` Քիւբէլեանը շահելէն եւ հեռացնելէն ետքը, կ՚աշխատէր նորէն պաշտօնապէս պատրիարք ճանչցուիլ, բայց կառավարութիւնը կը զգուշանար տակաւին երէկի աքսորականը այսօր վարձատրել: Հակահասունեանք առժամեայ դիրք կը պահէին եւ Էնֆիյէճեան Գրիգոր վարդապետ իբր փոխանորդ հակահասունեանց գործերը կը հոգար: Գազանճեան Սուքիաս եպիսկոպոս Անտոնեանց աբբայութենէն հեռանալովը 2848), իր ազդեցութենէն շատ բան կորսնցուցած եւ գործէ քաշուածի ձեւ էր առած, որով Էնֆիյէճեան համարձակութիւն կ՚առնէր ազատօրէն գործել: Հասունեանք օրըստօրէ կը զօրանային, 1879 օգոստոս 30-ին յաջողած էին բռնութեամբ Ղալաթիոյ պատրիարքարանը եւ Բերայի անկելանոցը գրաւել, եւ իբր կաթոլիկ ազդեցութեան տէր կը դառնային: Պապական միջնորդութեամբ գաղղիական դեսպանատան հովանաւորութիւնն ալ նորէն ստացան, պետական անձեր ալ իրենց կողմը շահեցան եւ նոյն 1879 տարւոյ վերջերը պատրիարքական հրովարտակը Հասունի դարձուեցաւ. եւ Հասունեանք պաշտօնապէս կաթոլիկ ազգութիւն սեպուեցան, իսկ Հակահասունեանք անջատեալ բաժին մը մնացին Բերայի Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցիով եւ Էնֆիյէճեանի գլխաւորութեամբ: Սակայն կաթոլիկ ազգութիւնը ոչ հանդարտութիւն գտաւ եւ ոչ ալ ներքին պառակտումները վերջացան, մինչեւ իսկ Հասունեանց մէջէն դժգոհներ սկսան երեւան գալ Հասունի արարքներուն դէմ, զի Հասունի մեծ կարողութիւնը եւ վարչական ուղղութիւնը բացարձակապէս զսպելու կերպն էր, ժողովուրդ շահելու կերպն իրեն սովորական չէր: Այս բանը վերջապէս Հռոմի փրօփականտան ալ տեսաւ, եւ նորընտիր Լեւոն ԺԳ. պապն ալ համոզուեցաւ եւ պատուաւոր կերպով Հասունը հեռացնելով կաթոլիկ համայնքը շահելու պէտքն զգաց: Միւս կողմէն Հասունի փոխանորդ ու իրեն գործունէութեան աջակիցն ու սատարն եղող Ստեփանոս Ազարեան եպիսկոպոսը գիտցաւ այդ պարագայէն օգտուիլ, եւ իր ձգտումներուն համարձակ ընթացք տալով, տեղեկատուութեամբ եւ խորհրդակցութեամբ Հասունի հեռացման օգուտը մանաւանդ թէ պէտքը զգացուց, եւ զինքն պատրաստական ներկայեց պապութեան տեսակէտը քաղցրութեամբ եւ շահեցողութեամբ յաջողցնելու: Ըստ այսմ Հասուն իր վերանորոգեալ պատրիարքութեան մէջ տարին չլրացուցած 1880 տարւոյ աշունին Հռոմ կոչուեցաւ, եւ պատուաւոր խոստումներով հրաժարելու հրաւիրուեցաւ. նոյեմբերին կաթողիկոսութենէ ու պատրիարքութենէ հրաժարեցաւ եւ դեկտեմբերին կարդինալ անուանուեցաւ երիցանց կարգէն, Սրբոց Վիտագէսի եւ Գերուասիոնի եւ Պրոտասիոնի եկեղեցւոյն պատուակալ աւագերէցութեան կոչումով: Կարդինալաց ժողովը 70 անդամներէ կը բաղկանար, որոնց 14-ը սարկաւագաց կարգէն են, թէպէտ անհատաբար կը պահեն ձեռնադրութեամբ ստացած աստիճաննին: Կարդինալները առ հասարակ լատինածէս են, եւ Հասուն առաջինն ու միակ հայածէս կարդինալն եղաւ. անկէ առաջ Պիոս Թ. պապ յունածէս կարդինալ մը անուանած էր Աւստրիոյ Ռութեններէն: Հայկաթոլիկներուն աթոռին թափուր մնալովը անմիջապէս Ազարեան յաջորդ ընտրուեցաւ` Ստեփանոս Պետրոս Ժ. կոչմամբ, եւ ինչպէս խոստացած էր շուտով ձեռք զարկաւ քաղցրութեան եւ համոզման կերպերով անձեր շահիլ, որոնց մէջ նոյնինքն Գազանճեան Սուքիաս եպիսկոպոսը, եւ առերեւոյթ զիջումներով եւ ազգութեան ձեւով կանոնագիրներ առաջարկելով հաշտութեան ճամբայ բանալ, եւ նորէն ամբողջ հայկաթոլիկութիւնը պապութեան ձեռաց ներքեւ հպատակեցնել: Գազանճեան մեռաւ 1883 յուլիս 1-ին, եւ թէպէտ Էնֆիյէճեան կը շարունակէր կէս պաշտօնական կերպով հակահասունեան բաժինին գլուխ եւ վարիչ ճանչցուիլ, սակայն օրըստօրէ կը նուազէր հետեւողաց թիւը, եւ մնացողներու միտքին մէջ ալ խնդիրը իր կարեւորութիւնը կը կորսնցնէր: Հասուն 1884 փետրուար 14/26-ին կը մեռնէր Հռոմի մէջ. ինչպէս պիտի պատմենք եւ տակաւին հակահասունեանութիւնը կ՚ապրէր, թէպէտ շատ ճղճիմ եւ աննշանակ կերպով, եւ երկու տարի եւս շարունակեց մինչեւ 1886 փետրուար 26, որ օր Էնֆիյէճեան ալ կը մեռնէր (86. ԱՐԼ. 614), եւ անոր տեղ կ՚անցնէր Նիկողայոս Պաքշեան վարդապետը (86. ԱՐԼ. 659): Սա ոչ նոյն ազդեցութիւնն ու դիրքը, եւ ոչ ալ անոր կարողութիւնն ու յաջողակութիւնն ունէր, եւ հակահասունութիւնն ալ նուազման մօտեցած էր. ուստի միջոց մը եւս անկայուն վիճակը շարունակուելէն ետքը, Ազարեան պատրիարք, մնացորդ գլխաւորներուն հետ խորհրդակցութիւններու եւ բանակցութիւններու սկսաւ, 1887 ապրիլին (87. ԱՐԼ. 993), եւ երկու կողմերէն որոշուած պատգամաւորներ ժողովներ գումարեցին, բայց յաջող ելքի չյանգեցան, հակասունեանց որոշ պայմաններ եւ երաշխաւորութիւններ պահանջելուն համար: Վիճակը դարձեալ միջոց մը նոյն կերպով շարունակեց, մինչեւ որ Ազարեան յանձնառու եղաւ ազգային կանոնագրութիւն մը պատրաստել եւ զայն կառավարութեան ենթարկել, եւ այսպէս 1888 ապրիլին համաձայնութիւն գոյացաւ, եւ 23-ին աւագ շաբաթ օր կրօնից տեսուչը Ազարեանի պատրիարքարանը գալով պետական հաւանութեան եւ ձուլման պաշտօնագիրը հաղորդեց (88. ԱՐԼ. 1294), Զատկին օրը հանդիսական յայտարարութիւն եղաւ, եւ խառն անդամներով քաղաքական ժողով մըն ալ ընտրուեցաւ (88. ԱՐԼ. 1300): Այսպէս ընդհանուր ներման ու ազգային կանոնագրութեան մը կազմութեան պայմաններով` Հակահասունեանց մնացորդը պապական հպատակութեան եւ Ազարեանի իշխանութեան ներքեւ կը մտնէր, եւ կը փակուէր խնդիր մը, որ 1870 յունուար 25-ի յայտարարութեամբ շեշտուած եւ գործնական կերպարան մը առած էր 2831), եւ բաւական յաջողութիւններ ալ ձեռք ձգելէ ետքը անփառունակ կը վախճանէր 18 տարի ապրելէ ետքը: Այդ անյաջող վախճանին սկզբնաւորութեան մէջ էր. զի տիրապէս հակասական ուղղութիւն մըն էր առանց պապի անձին` պապականութիւն, եւ առանց կաթոլիկ սկզբունքներու` կաթոլիկութիւն կազմել: Պապը զիջողութեան եւ կաթոլիկութիւնը համակերպութեան պարտաւորել ենթադրելի չէր, եւ եթէ երբեք հնարաւոր ըլլար, պէտք էր որ բոլոր արեւելցի կաթոլիկները, գոնէ բոլոր հայկաթոլիկները, միաձայն եւ միաբան ոյժով արեւելեան կաթոլիկութիւն մը ստեղծէին եւ պաշտպանէին, ինչ որ շատ յուսալի չէր, նկատելով պապականութեան ուղղութիւնը եւ զօրութիւնը, եւ ընդդիմադիրներուն ամէն կողմէ տկարութիւնը, շատերուն երկիւղած հռոմէադաւանութիւնը, եւ մէկ մասին ալ անձնական ձգտումներով պառակտումները: Հնար էր դէպի մայրենի եկեղեցին վերադարձ մը յուսալ, բայց նոյն պատճառներ այդ յոյսն ալ ի դերեւ հանեցին:

2898. ՀԱՍՈՒՆԵԱՆԻ ՄԱՀԸ

Անտոն Հասունեան ծիրանաւոր կարտինալը իր նոր կեանքին մէջ յատուկ ասպարէզ մը չունէր, բայց այդ կեանքն ալ բանի մը օգտակար ընելու դիտումով ձեռնարկեց Հայոց յատուկ դպրանոց մը հաստատել տալ Հռոմի մէջ: Հռոմ ունէր Ուրբանեան դպրոցը, փրոփականտայի վարչութեան ներքեւ, որուն նպատակն էր ոչ-կաթոլիկ ազգերու համար եկեղեցական պաշտօնեաներ պատրաստել, նոյն իսկ անոնց համազգիներէն: Դպրանոցին հիմնարկուն եղած էր Ուրբանոս Ը. պապը 1630-ին, եւ անկէ ելած էին հռոմէականութեան մէջ կրթուած եւ հռոմէադաւանութիւնը տարածելու աշխատող եկեղեցականներու շարք մը: Բայց Ուրբանոսէն առաջ Գրիգոր ԺԳ. պապը 1586-ին կոնդակով որոշած էր Հայոց յատուկ դպրանոց բանալ Հռոմի մէջ, բայց իր վաղահաս մահուամբ որոշումը անգործադրելի մնացած էր, եւ հայ աշակերտներ կ՚ընդունուէին Ուրբանեան դպրանոցին մէջ ուրիշ ազգերէ եղողներու հետ 1573): Այսպէս ալ կը շարունակէր մինչեւ վերջին ատեններ երբ Հասուն մտածեց Հայոց յատուկ ճիւղ մը հաստատել, ինչպէս կանուխ յատուկ ճիւղեր բացուած էին Յոյներու եւ Ամերիկացիներու համար: Ասով Գրիգոր ԺԳ. պապ նշանաւոր գործ մը կատարած պիտի ըլլար Լեւոնեան նոր դպրանոցի մը հիմնարկութեամբ, եւ ինքն Հասուն մասնաւոր արգասիք եւ արժանիք ստացան պիտի ըլլար: Կարտինալութեան անցնելու օրէն սկսաւ այդ միտքը մշակել, բայց հազիւ 1883-ին յաջողեցաւ իր նպատակը իրականացնել, եւ Ս. Նիկողայոս Տօլինտինացիի եկեղեցին եւ յարակից վանքը Հայ դպրանոցին յատկացուեցաւ, որուն մէջ ինքն ալ հաստատեց իր բնակութիւնը: Լեւոնեան Հայ դպրանոցը միշտ փրոփականտայի իշխանութեան եւ մատակարարութեան ներքեւ պիտի մնար, աշակերտներն ալ փրոփականտայի կեդրոնական դպրանոցին մէջ պիտի առնէին իրենց դասերը, միայն յատուկ բնակութիւն պիտի ունենային, իրենց լեզուն պիտի խօսէին, եւ նոյն եկեղեցւոյն մէջ Հայ լեզուով եւ ծէսով պաշտամունք պիտի կատարէին, որ դուրս ելած ատեննին իրենց արարողութեանց եւ սովորութեանց անգիտակ չըլլային: Հասուն իր աշխատութեան երախայրիքն ալ չկրցաւ տեսնալ, զի դպրանոցին տարին չբոլորած 1884 փետրուար 14/26-ին կը մեռնէր, եւ այսպէս կը վերջանար 74 տարուան եւ 8ուկէս ամսուան կեանք մը (84. ԱՐԼ. 42), որ բաւական խօսել տուած էր իր վրայ, ինչպէս մենք ալ բաւական գործեր ու դէպքեր պատմեցինք իր առաջին օրերէն սկսելով 2565): Հասուն իրաւ համբաւ մը թողուց իր ետեւէն, բայց տխուր եւ մթագնեալ համբաւ մը, որ չբարձրացներ իր արժանիքը: Աներկբայաբար ունեցած է գործի գլուխ անցնող անձէ պահանջուած ձիրքերը, առիթներէ օգտուիլ գիտցող, բարեպատեհ առիթներ պատրաստող, գործունէութեան մէջ անխոնջ, աշխատութեան մէջ յարատեւ, ընդդիմութեանց հանդէպ արի, դժուարութեանց դէմ աննկուն, հաստատուն քայլերով յառաջող, մտադրեալ գաղափարէն չշեղող. միայն ուղղամտութիւնը պակսեցաւ իրեն, անձնական փառքի եւ մենամոլ հռոմէականի իղձերու եւ ձգտումներու զոհելով ամէն բան, օրէնք եւ կանոն, սիրտ եւ միտք, հանրութիւն եւ ժողովուրդ, եւ նոյն իսկ իրեն պաշտած եկեղեցիին օգուտը: Զի եթէ իրօք հռոմէականութիւնը Հայոց մէջ տարածելու կ՚աշխատէր, շատ աւելի գրաւիչ պիտի ըլլար, եթէ հայկական սովորութեանց եւ արարողութեանց եւ աւանդութեանց պահպանութեամբ դուրսինները հրապուրել աշխատէր, քան թէ ներսինները հայութենէ հեռացնելով եւ լատինականութեան մօտեցնելով իրմէ ուծացնէր: Բոլոր իր պաշտօնավարութեան տեւողութեան մէջ քար գայթակղութեան եղաւ կաթոլիկ Հայերու համայնքին. անդադար գժտութիւններու, անհաշտ երկպառակութիւններու, եւ զանազան անջատումներու առիթ տուաւ իր անտանելի ձեռնարկներով: Ակն յայտնի է որ հայ կաթոլիկութիւնը շատ աւելի խաղաղաւէտ եւ արդիւնաւոր վիճակ ունէր երբ ինքն 1848-ին հայկաթոլիկներու արքեպիսկոպոսութեան կը բարձրանար, կամ 1866-ին կաթոլիկ կաթողիկոսութեան կը տիրանար, քան երբ 1880-ին հայկաթոլիկ հասարակութեան գործերէն կը բաժնուէր, եւ Հռոմի աթոռին կարտինալական խումբին կը մտնէր: Ընդհանուր հայ ազգութեան տեսակէտէն հարկ իսկ չենք տեսներ խօսելու, ուսկից հեռու մնաց սկիզբէն մինչեւ վերջ, գուցէ զգացումն իսկ չունեցաւ իր ասորի ծագումին արիւնովը (ՀԱՍ. 31): Կեանքին մէջ անգամ մը միայն Զէյթունի բանտարկեալ իշխանները բանտէ ազատելու միջամտեց, սակայն նպատակը Զէյթունը կաթոլիկութեան որսալու համար էր, օգտուելով Գաղղիոյ Նաբոլէոն Գ. կայսեր արդէն տուած խոստումէն եւ ըրած ձեռնարկէն: Կաթոլիկ համայնքին օգտակար եղող նշանաւոր բան մըն ալ չթողուց իր ետեւէն, զի Բերայի կաթողիկոսարանը, սովորական կուսաստան մը, Կ. Պոլսոյ մէջ երկու երեք մանր եկեղեցիներ, գաւառներուն մէջ փոքր եպիսկոպոսարաններ, բաւական չեն փոխարինելու այն վնասները, զորս հասուց, հասարակութեան ներքին ոգին, միութիւնն ու զօրութիւնը յարգն ու վարկը նուազեցնելով, Համազգեաց ընկերութիւնը քայքայելով, Մխիթարեան միաբանութեան արդիւնաւորութիւնը արգիլելով, Անտոնեան միաբանութեան դէմ պայքարելով, գէշաղէկ կաթողիկոսական արտօնութիւնները ջնջելով, կաթողիկոսութիւնը ազգային զգացումէ օտարացնելով, մէկ խօսքով իրեն յանձնուած հասարակութիւնը ստորնացնելով: Եթէ իր օրով Փոքր Ասիոյ եւ Կիլիկիոյ Հայոց մէջ շարժում մը տեղի ունեցաւ դէպի կաթոլիկութիւն, պէտք կը զգանք դիտել տալ, որ այն պարզապէս հետեւանք էր գաղղիական նախաձեռնութեան եւ 1854-ի պատերազմով ստացուած ազդեցութեան, եւ այն ալ ոչ թէ Հասունի իրաւասութեան, ենթարկեալ վիճակներու մէջ կատարուեցաւ, այլ Լիբանանի կաթողիկոսութեան ենթարկեալ վիճակներու մէջ, ինչպէս որ ակնարկեցինք գէշաղէկ կաթողիկոսական արտօնութեանց դրութեամբ կը կառավարուէին այն ատեն, եւ զորս Հասուն ջնջեց կամ ջնջելու օգնեց` երբոր Լիբանանի կաթողիկոսութիւնը գրաւեց: Անոնք որ Հասունեանի մահէն ետքը անոր կենսագրութեամբը զբաղեցան, ցաւ կը յայտնեն որ նշանաւոր կարողութիւն մը յումպէտս վատնուեցաւ ու մանաւանդ թէ անուղիղ գործունէութեամբ վնասակար իսկ եղաւ, եւ զայդ կը շեշտեն ոչ թէ լոկ ընդհանուր հայութեան, այլ նոյն իսկ կաթոլիկ հայութեան տեսակէտէն (84. ԱՐԼ. 42): Նոյնը կ՚եզրակացնենք եւ մենք, եւ կը պնդենք իսկ, թէ Հասունի ընթացքէն զզուելով մայրենի եկեղեցւոյ գիրկը դարձողներէն ստացած օգուտը, զոր ոմանք իբրեւ արժանաւոր փոխարինութիւն կը կարծեն (84. ԱՐՁ. 117), չի բաւեր իբրեւ դիմաբաժանեալ եւ հաւասարաչափ արդիւնք նկատուիլ. այնչափ աւելի մեծ կը կարծենք մենք Հասունեանի գործած վնասները:

2899. ԿԱԹՈԼԻԿ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՔ

Հասունեանի տարաբախտ գործունէութեան կարգին ակնարկեցինք կաթոլիկ միաբանութեանց հանդէպ բռնած ընթացքին, իբր զի ան այդ միաբանութեանց մէջ կը տեսնէր իր դիտումը խափանող ոյժ մը, եւ ամէն կերպերով մաքառեցաւ անոնց դէմ, եթէ հնար ըլլայ ջնջելու չափ, կամ գոնէ անոնց ազդեցութիւնը ի սպառսպուռ խափանել: Երեք միաբանութիւններն ալ, Անտոնեանը եւ կրկին Մխիթարեանները, թէպէտ զանազան աստիճաններով, բայց միշտ հայկական կեանքէ ներշնչեալ գործունէութիւն մը կը պարզէին ազգին մէջ, զոր չէր կրնար անտարբեր աչքով տեսնել կաթոլիկութիւնը մինչեւ լատինականութիւն մղելու զինուած անձ մը: Իր առաջին շրջանին մէջ քանի-քանի մտածեց, փրոփականտայէ հրամաններ հանել տուաւ, պաշտօնակատարութեանց մէջ խտրութիւններ մտածեց, թիւի եւ բնակութեան պայմաններ ստեղծեց, ամէն մանր պարագայ խծբծանքի նիւթ ըրաւ, միշտ միեւնոյն դիտմամբ, որ արգիլէ համակրութիւնը, զոր միաբանութիւնք կը վայելէին ժողովուրդին կողմէ, եւ խափանէ ազդեցութիւնը, զոր միաբանութիւնք ստացած էին ժողովուրդին վրայ: Երկրորդ շրջանի եղելութեանց կարգին յիշած ենք այն դիրքը, զոր Անտոնեանք ունեցան Հակահասունեան շարժումին առաջ քայլէն սկսելով 2783), երբոր Հռոմի վանքերնին թողուլ ստիպուեցան 2832), եւ պարագայից բերմամբ ներքին տագնապներ ալ անցուցին 2848), որով միաբանական վիճակնին սկսաւ տկարանալ: Այդ տեսութիւնն էր որ Օրմանեանն ալ յորդորեց իր վերադարձը փութացնել, ինչպէս ընդարձակ եւ գրաւոր կերպով պարզեց միաբանութեան առջեւ, թէ անոր ուրիշ ճամբայ չէր մնացած, բայց եթէ կամ իսպառ վտանգուիլ կամ Հռոմի ստրկանալ, եւ թէ այդ երկսայրի նախատեսութենէն չէր կրնար ոչ առաջինը արգիլել եւ ոչ երկրորդին համակերպիլ: Հռոմի մէջ տեղի ունեցած անցքերը, միաբանութեան աբբահօր եւ վանահօր պաշտօնանկութիւնը, եւ լատինները Հայոց վրայ մեծաւոր նշանակելը Անտոնեաններ մերժեցին եւ նոր կարգադրութեանց չի համակերպեցան, եւ Հռոմ ալ Հայ Անտոնեանց միաբանութեան անունը ջնջեց կաթոլիկ միաբանութեանց պաշտօնական ցուցակէն: Նոյնիսկ երբ Անտոնեանց մնացորդը Հակահասունեան համայնքին հետ համակերպեցաւ Հռոմի եւ Ազարեանի հպատակութեան ենթարկուիլ, միաբանութեան անունը չվերանորոգուեցաւ, թէպէտ մասնաւոր գրութիւններով ինչ ինչ յարաբերութիւններ տեղի ունեցան Անտոնեանց եւ իրենց աբբահօր Ռափայէլ Միասէրեանի եւ Հռոմի միջեւ: Անտոնեանք Կ. Պոլսոյ Օրթաքէօյի վանքին մէջ փորձեցին վանական աշակերտութիւնը վերսկսիլ, Հռոմի վանքը վաճառած ըլլալով Լիբանանի վանքին տիրապետութիւնը պահեցին. սակայն մահեր եւ անջատումներ իրենցմէ շատեր պակսեցուցին, որով այլեւս տասնեակի մը իսկ չէր հասներ անոնց թիւը անստուգութեան մատնելով իրենց ապագայն ու շարունակութիւնը: Անտոնեան միաբանութիւնը Հակահասունեանութեան գլխաւոր դերը ստանձնելով ինքզինք զոհեց խնդիրին սիրոյն, եւ չենք գիտեր թէ ո՞ր ընթացքը նախադասելի պիտի սեպուի, խնդիրին սիրոյն միաբանութի՞ւնը զոհել, թէ միաբանութեան սիրոյն խնդիրը զոհել: Այդ երկրորդ պայմանին հետեւեցան Վենետիկի Մխիթարեանները, որոնք արդէն պարսաւագիրքի խնդիրին ժամանակ ալ խոնարհամիտ համակերպութեան ճամբան նախադասած էին 2663), միաբանութեան գոյութիւնը ապահովելու տեսակէտով: Հակահասունեան շարժումին մէջ ալ միեւնոյն կերպով գործեցին: Գէորգ Հիւրմիւզեան աբբահօր 1876 մարտ 30/11 ապրիլին մեռնելուն վրայ, նոյն տարւոյ յուլիս 21/2 օգոստոսին յաջորդեց Իգնատիոս Կիւրեղեան, բնիկ Տրապիզոնցի 1833 փետրուար 2/14-ին ծնած, 1854 յունուար 5/17-ին քահանայացած, որ 1877 մայիս 8/20-ին ալ եպիսկոպոսացաւ (ՅՈԲ. 321, 324): Կիւրեղեան Հիւրմիւզեանէ աւելի համակերպող հանդիսացաւ Հռոմի առջեւ, եւ Հիւրմիւզեանի տկարամիտ ուղղութիւնը գերազանցեց 2670): Կ. Պոլիս գտնուող Մխիթարեաններ առաջին թափով Հակահասունեանց յարած էին, Կիւրեղեան անոնք մի առ մի Կ. Պոլիսէ հանեց, վանք բերաւ, եւ խնդիրէն ձեռնթափ ըրաւ, եւ վերջին մնացող Մովսէս Ամպէրպօյեան ալ, որ Հակահասունեան եպիսկոպոս ձեռնադրուած էր, Ազարեանի հետ կնքուած հաշտութեան պահուն հպատակելու յանձնառու եղաւ: Այսպէս Վենետիկի Մխիթարեանք իրաւ իրենց միաբանութիւնը նաւաբեկութենէ ազատեցին, եւ Անտոնեանց վտանգին չենթարկուեցան, բայց եւ առանց վնասի չմնացին զի Հայ կաթոլիկ հասարակութեան մէջ իսկ իրենց վարկն ու յարգը, ազդեցութիւնն ու գործունէութիւնը մեծապէս աւրուեցաւ եւ վտանգուեցաւ, եւ վերջին դրական արդիւնքնին իսկ առաջիններուն հետ բաղդատուած ատեն շատ ետեւ մնաց, եւ մաղթելի էր որ լաւագոյն ապագայի վիճակէին: Իսկ Վիէննայի Մխիթարեանք անդստին սկիզբէն Հռոմի գիրկը ինկած, եւ կաթոլիկութիւնը մինչեւ մոլութիւն հասուցած, Պապիկեանէ եւ Ազարեանէ ետքը յաջորդ ունեցան Յակոբոս Պօզաճեանը, որ 1855 յուլիս 25/6 օգոստոսին ընտրուեցաւ, ապրիլ 23/5 մայիսին մեռնող Արիստակէս Ազարեանի տեղ (ՅՇՐ. 12), եւ պաշտօնավարեց մինչեւ 1883 սեպտեմբեր 19/1 հոկտեմբեր, եւ միաբանութիւնը միեւնոյն ուղղութեամբ կառավարեց: Համառօտ եղաւ Վարդան Ըստկարեանի աբբայութիւնը, որ 1884 յունիս 30/12 յուլիսին ընտրուելով, 1886 յունիս 3/15-ին մեռաւ, տակաւին 43 տարեկան: Բնիկ Սամոշույվարցի Տրանսիլուանիոյ նահանգէն, իր հրատարակած եկեղեցական պատմութեամբ աններող կաթոլիկութեան հոգին յայտնած էր: Անոր յաջորդեց Արսէն Այտնեան Կ. Պոլսեցի 1824 յունուար 8-ին ծնած եւ 1866 օգոստոս 4/16-ին ընտրուած (ՅՇՐ. 18), որուն օրով պահ մը հայկական հոգին Վիէննայի վանքին մէջ ալ մուտք գտնել սկսաւ, եւ որչափ պարագաները կը ներէին հայկական լուրջ ուսումնասիրութեանց հետ ներողամիտ ներշնչումներ ալ երեւցան: Արդէն ըսած ենք թէ Վիէննականք սկիզբէն հեռու մնացած էին Հակահասունեան շարժումէն, եւ իրենցմէ միայն երկուքը Կղեմէս Սիպիլեան եւ Ղուկաս Տէրտէրեան, Այտընեանի ընկերակիցներ, շարժումին համակրած էին, բայց գործունեայ դեր չստանձնեցին: Երբոր Այտընեան պաշտօնի անցաւ արդէն Ստեփան Ազարեան իր հաշտարար ուղղութեամբը գործելու սկսած էր, որով այդ մասին յայտնելու առիթ ալ չունեցաւ, բայց յաջողեցաւ չափով մը բարձրացնել Վիէննականաց յարգը, որ իսպառ ինկած էր նոյնչափ հայութեան որչափ հայկաթոլիկութեան առջեւ: Այդ միջոցին էր որ Լիբանանի Զըմմառեան աշակերտութիւնը միաբանական ձեւ մը կազմելու նախաձեռնարկ եղաւ, բայց ոչ Հասունեան եւ ոչ Ազարեան իրենց այդ դիտումը կրնային յաջողութեան հասցնել, որոնք բոլորովին գրաւուած էին Հռոմի փրօփականտայի կամ նորահիմն Լեւոնեանի աշակերտութեան վերապահել ամենայն ինչ: Այդ համառօտ ուրուագիծերը բաւական ըլլան հայկաթոլիկ միաբանութեանց վիճակը պատկերացնելու Հասունի մահուան թուականին:

2900. ՆԵՐՍԷՍԻ ՎԵՐՋԻՆ ՕՐԵՐԸ

Սեպտեմբեր 3-ին էր որ Կ. Պոլսոյ մէջ լսուած էր թէ Ռուսիոյ կայսրը Ներսէսի հրաժարականը ընդունած եւ նոր ընտրութիւն հրամայած է. սակայն օգոստոս 11-ին Կ. Պոլսոյ առաջնակարգ բժիշկներէն վեց օտարազգիներ եւ ութը ազգայիններ միահամուռ խորհրդակցութեամբ տեղեկագրեր էին թէ շաքարի հիւանդութիւնը բնասպիտութեան փոխուած է, սրտային եւ կրծային յուզումներ պատճառած է, առողջութիւնը այլայլած է, եւ իրեն պաշտաման զբաղմանց եւ աշխատութեանց շարունակութիւնը առաւել եւս կը ծանրացնէ իր վիճակը, եւ իրեն պէտք են բացարձակ հանգիստ եւ բացակայութիւն ի գործողութեանց պաշտաման իւրոյ (84. ԱՏՆ. 351): Վճռական էր տեղեկագիրին իմաստը, որ իր բժշկական դարձուածներովը աղիտալի վախճանը գուշակել կու տար: Այդ համոզումը բոլոր ազգայնոց միտքը կը պաշարէր, եւ նոյն իսկ կազմակերպեալ ընդդիմադրութեամբ Ներսէսի նեղութիւն պատճառողներ ներքնապէս զգածուած էին, թէ առանց Ներսէսի պատրիարքութեան ի'նչ պիտի ըլլան այսչափ ատենէ ի վեր ձեռք առնուած խնդիրները: Օրմանեան ալ որ Կարնոյ բանտարկելոց գործը աւարտած, եւ օգոստոս 16-ին իր վերադարձին պաշտօնական գիրերը ստացած էր, կը վարանէր մահամերձ Ներսէսը անկողնի մէջ թողուլ եւ մեկնիլ, եւ անոր մօտէն չէր զատուեր, եւ Սանասարեան վարժարանի եւ Բերայի գերեզմաննոցի կոնդակներուն վրայ Ներսէսի ստորագրութիւնը անկողնի մէջ դնել տուած էր, քիչ մը հանդարտ վայրկեաններէն օգտուելով: Ամէնքը համոզուած էին այլեւս թէ Ներսէս ուղիղ նախազգացմամբ խօսած եւ գործած էր, երբոր անդրդուելի կերպով կաթողիկոսութենէ կը հրաժարէր, թէ ընտրութենէն առաջ եւ թէ ընտրութենէն ետքը: Ներսէս կ՚ուզէր բժշկական վկայագիրը ձեռքը ձգած օրէն հրաժարականը ներկայել պետութեան եւ ազգութեան, սակայն իրեն շուրջը եղողներեն այսուայն պատճառանքով արգելք կ՚ըլլային, բնական ընթացքով կատարուելիք գործին ձեւակերպական պարագաներ աւելցնել աւելորդ սեպելով: Այսպէս անցան երկու ամիսներ եւս, Օրմանեանը կը մեկնէր սեպտեմբեր 24-ին, զի Ներսէս հրամայած էր որ ինքն աչքերը չգոցած նա Կարին գտնուի, որպէսզի արգելիչ նոր պարագաներու չհանդիպի: Իսկ հրաժարականի միտքը երբեք Ներսէսի ուշադրութենէն չէր հեռացած, եւ վերջապէս հոկտեմբեր 15-ին կը ստորագրէր իր թելադրութեան ներքեւ գիրի առնուած հրաժարագիրը, որ աւելի վերջին կտակի ձեւը եւ աշխարհքէ հրաժեշտի ողջոյնը ու շնորհակալեաց արտայայտութիւնը կ՚ուղղէր, առանց մոռնալու իրմով հետաքրքրուողներէն, իրեն գործակիցներէն, իրեն հոգ տանողներէն, զինքն խնամողներէն եւ ոչ մէկը, եւ յանուանէ յիշատակելով կայսրէն սկսելով նախարարները, միւս ազգաց հոգեւոր պետերը եւ նշանաւոր ազգայինները, եւ 22 բժիշկներ յականէ յանուանէ, Հայոց ազգը, ժողովները, եկեղեցականները, մայրաքաղաքցիները, գաւառցիները, եւ կը վերջացնէր ըսելով, կը պաղատիմ որ ազգային ժողովն անմիջապէս ընդունելով հրաժարականս ինձ յաջորդ մը ընտրէ, եւ օրհնութիւններով ու մաղթանքներով կը կնքէր իր գրութիւնը (84. ԱՏՆ. 349-350): Այդ գիրէն երկու օր առաջ հոկտեմբեր 13-ին Ս. Ներսէսի Շնորհալւոյ տօնին օրը իր անունին տօնախմբութիւնը կատարած էր Ներսէս, եւ իրեն այցելութեան եկողներուն բերանացի հաղորդած էր պատրաստած գրութեան միտքը: Վարչութիւնը արդէն անոր վիճակին վրայ համոզում գոյացուցած, հոկտեմբեր 3-ին խորհրդակցած եւ առժամեայ տեղապահ մը նստեցնելու համար: Ընդհանուր եւ կրօնական եւ քաղաքական ժողովներու ատենապետներուն պաշտօն յանձնած էր, թէ պատրիարքին եւ թէ կառավարութեան հետ այդ միտքին համար բանակցիլ եւ օրինականութեան պահանջները պատրաստել (84. ԱՐԼ. 228): Ներսէս թէպէտ հրաժարագիրը հոկտեմբեր 15-ին ստորագրած եւ քաղաքականի ատենապետ Սիմոն Մաքսուտեանի յանձնած, սակայն սա չէր ուզած գրութեան պաշտօնական ընթացք տալ, այլ իրեն մօտ պահած էր, թէպէտ իրեն յանձնուած ըլլալը լսուած էր (84. ԱՐԼ. 242), զի առժամեայ տեղապահի գործով կը զբաղէր, եւ հրաժարականի խնդիր յարուցանել պատշաճ չէր: Զրոյցներ իրար խառնուէին, Ներսէսի վտանգաւոր վիճակը միշտ աւելի կը շեշտուէր, եւ առժամեայ տեղապահի առաջարկը կը մշակուէր, եւ այնպէս լուր կը տարածուէր թէ Ներսէսի պետութեան եւ ազդեցութեան ուղղելիք հրաժարագիրներուն պատճէնները հոկտեմբեր 24-ին վարչական ժողովի մէջ կարդացուեր են ստորագրուելէն առաջ, թէպէտ հոկտեմբեր 15-ին ստորագրուած էր (84. ԱՏՆ. 350): Զրոյց մըն ալ կը լսուէր բերնէ բերան թէ ազգութեան ուղղած բայց դեռ պահուած հրաժարագիրին հետ պետութեան ալ ներկայած է իր հրաժարականը, բժշկական վկայագիրն ալ կցած, եւ միանգամայն արտօնութիւն խնդրած Եւրոպիոյ ջերմուկները երթալով առողջութիւն փնտռել, եւ թէ այդ կէտին վրայ ալ կը բանակցէր Մաքսուտեան ատենապետը կառավարութեան հետ ունեցած յարաբերութեանց մէջ (84. ԱՐՁ. 587): Սակայն դեռ որոշման մը չյանգած եւ վտանգին օրըստօրէ մօտենալուն վրայ որոշուեցաւ հոկտեմբեր 26-ին երեսփոխանական նիստ կազմել եւ հրաժարագիրը հաղորդել: Իսկ նոյն առտուն Ներսէսի մօտ մտնող ելլողներ այնպէս լուր կու տային թէ աւելի հանգիստ կ՚երեւի եւ վիճակը յոյս կը ներշնչէ: Այս Անորոշ տպաւորութեան ներքեւ բացուեցաւ 1884 հոկտեմբեր 26-ի երեսփոխանական Ընդհանուր ժողովոյ նիստը:

2901. ՆԵՐՍԷՍԻ ՄԱՀԸ

Արտասովոր կերպով բազմամարդ չէր գումարումը, միայն 52 ներկաներ (84. ԱՏՆ. 339): Մի քանի վայրկեան խորին լռութիւն տիրեց, երբ կարդացուեցան Ներսէսի կողմէ վերջին հրաժեշտի ոճով գրուած զգայուն հրաժարականը, եւ 14 բժիշկներու ճնշիչ տեղեկագիրը (84. ԱՏՆ. 351): Երբոր խօսիլ սկսան զանազան կարծիքներ յայտնուեցան պահուելիք ձեւակերպութեանց վրայ, առաջարկներ եղան կամ վարչութեան կամ ատենապետաց դիւանի կամ մայր դիւանի յղելու, զի ամենուն միտքն ալ ատեն շահիլ էր, եւ իմանալ կ՚ուզուէր թէ կառավարութեան ալ ուղղած էր հրաժարականը, եւ թէ կառավարութիւնը ի'նչ տրամադրութիւն ունի: Վերջապէս որոշուեցաւ ատենապետաց դիւանին յանձնել որ վարչութեան հետ խորհրդակցութեամբ ութ օրէն տեղեկագիր բերէ (84. ԱՏՆ. 354): Բայց երբ երեսփոխանութիւնը Ներսէսի պաշտօնէն հրաժարելուն խնդիրով կը զբաղէր, եւ վստահ կերպով մը ութ օր կը յետաձգէր, Ներսէս արդէն աշխարհքէն հրաժարած էր, բայց ոչ ոք տակաւին տեղեկութիւն ունէր: Աղէտալի վախճանէն իբրեւ քսան օր առաջ` շնչարգելութիւնը զինքն սաստկապէս կը տանջէր, գիշերներն անքուն էր, իրեն այնպէս կը թուէր թէ սենեակին մէջ օդ չկայ, ուստի պատուհանները բանալ տալով դէպի դուրս կը շնչէր, եւ օդ տուէք ինձի կը կրկնէր (84. ԱՐԼ. 251): Սակայն օր մը առաջ կարծես թէ հանդարտած էր, եւ վերջին հոկտեմբեր 25-ի գիշերը քունի մտած էր, տագնապ մը չէր երեւեր, եւ մօտն ալ մարդ չէր մնացած: Առաւօտուն ձայն չհանելը նպաստաւոր նկատուած էր եւ հանգիստը խանգարել չէր ուզուած: Մինչեւ կէսօրին երկու ժամ մնացած այդ համոզումով կ՚օրօրուէին տնեցիները, բայց վերջապէս գոնէ հետաքրքրութիւն գոհացնելու համար սենեակ կը մտնեն, եւ անշնչացեալ կը գտնեն Ներսէսը անկողնին մէջ: Բժիշկներ կը բերուին շտապով, գուժկաններ կը մեկնին Օրթաքէօյէն Ղալաթիա գումարուած երեսփոխանութեան լուր տանելու: Բժշկական զննութիւնք կը հաւաստեն կանուխ գիշերը չվերջացան վախճանած ըլլալը: Սիրտի նենգաժէտ հիւանդութիւնը իրեն սովորական խարդախ խաղերէն մին կատարած էր, եւ անակնկալ կերպով, մանաւանդ թէ բարեյոյս ակնկալութեանց ներքեւ վերջացուցած էր իրեն ժանեաց ներքեւ ինկած կեանք մը: Երեսփոխանութիւնը նիստը փակած էր, եւ ցրուելու պահուն լսեց բօթաբեր լուրը (84. ԱՐԼ. 247): Ներսէսի ծննդեան թուական ընդունուած է 1837 յունուար 28 2733), թէպէտ այն իսկապէս յաւազանէ վերածննդեան թուականն է, որով 1884 հոկտեմբեր 26-ին 47 տարեկան 9 ամսական վախճանած կ՚ըլլայ, երկար եւ բեղմնաւոր կեանք մը անցուցած ըլլալով այն տարիքի մէջ, ուր շատեր դեռ նոր սկսած կ՚ըլլան իրենց գործունէութիւնը: Վարժապետեան Պօղոս Ներսէսի համար կանխահաս եղած էր ամենայն ինչ. 16 տարեկան ուսուցիչ, 21 տարեկան վարդապետ, 22 տարեկան ազգային գործիչ, 24 տարեկան պատրիարքական պատուիրակ, 25 տարեկան եպիսկոպոս, 26 տարեկան կրօնականի ատենապետ, 37 տարեկան պատրիարք, եւ 47 տարեկան կաթողիկոս ընտրուած, բոլոր կացութիւններուն մէջ ալ երբեք անբաւականութեան նշան չտուած, լիովին կատարած ամէն պաշտօններուն պահանջները, նախաձեռնարկ նոր ծրագիրներու, հեղինակ կարեւոր գործունէութեանց, եւ վարիչ տեսակ տեսակ ազգօգուտ գործառնութեանց, իրաւամբ ողբաց համօրէն հայութիւնը իր տարաժամ կորուստին վրայ, զրկուելով այն ամէն արդիւնքներէ եւ օգուտներէ, որ յուսալից կեանք մը իրեն կը խոստանար, բայց դժբախտաբար գրեթէ կէս ճամբուն վրայ կը նուաղէր եւ կը վերջանար:

2902. ԹԱՂՈՒՄՆ ՈՒ ՇԻՐԻՄԸ

Այն եռանդուն համակրական զգացումը, զոր հայութեան բոլոր դասակարգերը, պաշտօնական կերպականութեամբ ընդդիմադիրներն իսկ դուրս չթողլով, կը տածէին Ներսէսի վրայ, գրեթէ պաշտելութեան աստիճանի հասաւ անմիջապէս որ ձայն գուժեց թէ Ներսէս ոչ եւս է: Հոկտեմբեր 26-ի երեկոյին սկսան ամէն կողմ սգակիր ցոյցերը եւ արժանաւոր թաղումի պատրաստութիւնները: Պատրիարքական փոխանորդ Գէորգ Ռուսճուգեան վարդապետ, որ բաւական ժամանակէ ի վեր իբրեւ պատրիարքարանի վարիչ կը գործէր, Խորէն Նարպէյ կրօնականի եւ Սիմոն Մաքսուտեան քաղաքականի եւ Տիգրան Եուսուֆեան Ընդհանուրի ատենապետներ, նոյն երեկոյ Օրթաքէօյի տունը երթալով դարաններ եւ թուղթեր կնիքի ներքեւ առին, եւ ազգային ամենէն նշանաւոր եւ ձեռնհաս անձերէ 16 հոգւոյ յանձնաժողով մը կազմեցին թաղման կարգադրութիւններն ու պատրաստութիւնները հոգալու. թաղեր եւ ընկերութիւններ եւ զանազան դասակարգեր իրենց նուիրական պարտք կը սեպէին որ եւ է արտաքին նշանով մը տխուր հանդէսին մասնակցիլ եւ զգացումնին յայտնել: Յանձնաժողովը ոգեւին գործին փարեցաւ, քուն եւ հանգիստ զոհեց որպէսզի ամէն հնարաւոր պատրաստութիւն եւ պահանջուած կարգադրութիւն անթերի գործադրուի: Գուժատար լուրեր եւ հեռագիրներ ամէն կողմ սփռուեցան, պաշտօնական եւ ընկերական մարմիններու հաղորդուեցան, եկեղեցւոյ եւ թափօրի կարգադրութիւններ ճշդուեցան, պատարագի եւ դամբանականի կատարողներ որոշուեցան, եւ ամէն կողմերէ սգակիր ցաւակցութեան արտայայտութիւններ ընդունուեցան, որոնց գլուխը կայսեր կողմանէ յայտնուած ցաւն ու թախծութիւնը, ինքնաբերաբար շնորհուած արտօնութեամբ միասին մարմինը թաղելու ուր որ ալ ուզեն, որուն զօրութեամբ որոշուեցաւ հանգուցանել մայր եկեղեցւոյ տաճարին մէջ: Շաբաթ օրը ամբողջ հրամաններով եւ հրահանգներով անցաւ, եւ կիրակի տեղի ունեցաւ յուղարկաւորութեան հանդէսը: Օծման կարգը շաբաթ օրուընէ կատարուած էր մասնաւոր կերպով, զի սաստիկ արիւնահոսում մը այլայլած էր դէմքն ու մարմինը, եւ հարկ եղած էր զինգեայ թիթեղէ սնտուկի մէջ ամփոփել, դէմքը միայն տեսանելի թողլով ապակիի ներքեւ, որ շատ փոփոխուած էր մահաբեր շաքարախտին բնական հետեւանքով: Եսայի պատրիարք պատրաստուած էր ինքն պատարագել, բայց նա ալ տկարութեան ենթակայ ըլլալով վերջին պահուն բաւական սեպեց յուղարկաւորութեան նախագահել, իսկ պատարագը մատոյց Երուսաղէմի փոխանորդ Սիմէոն Սէֆէրեան եպիսկոպոս: Ամէն եկեղեցիներէ եկած դպիրներ ստուար բազմութեամբ, Նիկողոս Թաշճեան մեծ դպրապետի գլխաւորութեամբ, մեծաշուք եւ ներդաշնակ կերպով կատարեցին պատարագի եւ քահանայաթաղի երգեցողութիւնները: Մայր եկեղեցւոյ մէջ որոշ տեղեր նշանակուած էին օտարազգի հիւրերու եւ ազգային պաշտօնական անձերու, եւ մինչեւ ատեն մը հնար եղաւ ըստ այնմ կարգադրել, բայց ժողովուրդին անօրինակ բազմութիւնը յաղթեց կարգադիրներու ճիգերուն: Պաշտօնապէս ներկայացուցիչներ ունէին կայսերական պալատը, եպարքոսութիւնը, նախարարութիւնները, պետական խորհուրդը, սպարապետութիւնը, Ռուսիոյ, Անգղիոյ, Գաղղիոյ, Գերմանիոյ, Աւստրիոյ, Իտալիոյ, եւ Պարսից մեծ դեսպանութիւնները, նոյնպէս Սպանիոյ, Ամերիկոյ, Ռումանիոյ, Սերպիոյ, Յունաստանի եւ Պուլկարիոյ դեսպանութիւնները: Յունաց, Պուլկարաց, Հայբողոքականաց եւ Հրէից ազգապետութիւնները եւ Ասորւոց փոխանորդութիւնը: Ազգային ամէն մարմիններ, թաղական խորհուրդներ, ուսումնական ընկերութիւններ, ազգային վարժարաններ, զանազան հոգաբարձութիւններ, մասնաւոր յանձնաժողովներ, գաւառական վարչութիւններ, պաշտօնապէս ներկայացուած էին. դագաղը ծածկուած էր խաչերով եւ յիսունէ աւելի պսակներ շուրջը բոլորած էին, իսկ ազգայնոց եւ օտարազգեաց բազմութիւնը, ոչ միայն եկեղեցին եւ յարակից մասերն ու բակերը, այլ եւ շրջակայ փողոցները խուռնընթաց ողողած էր անօրինակ կերպով, զոր 50, 000 հաշուած են ականատեսներ (84. ԱՐՁ. 622): Դամբանականը վիճակած էր Խորէն Նարպէյ եպիսկոպոսին, որ կէս ժամէ աւելի խօսեցաւ, եւ բացատրեց թէ ազգը ստուգապէս մեծ մարդ մը կորսնցուց, ի վեր հանեց անոր անձնական բարեմասնութիւնները եւ ընտիր ձիրքերը, եւ խօսքը բերաւ ազգին բարօրութեան եւ ապագային բարելաւութեան, զարգացման եւ բարձրացման համար Ներսէսի բացած նոր ասպարէզին վրայ, եւ այդ կէտին մէջ բացատրեց թէ ինչպէս հաւատարմութեան զգացումներով եւ կայսերական բարեացակամ հովանաւորութեամբ զօրացուց իր ձեռնարկը: Արարողութիւնք երկուքուկէս ժամ տեւեցին. եւ անոնց վերջանալուն` մեծ թափօրը մեկնեցաւ մայրեկեղեցիէն, առջեւէն պետական եւ պատրիարքական եւ թաղական բարապաններու խումբը, եւ երկու կողմերէն զինուորական պահպանութիւններով, վարժարաններու աշակերտներ, եւ զանազան պատգամաւորութիւններ իրենց նուիրած պսակներով, դպիրներու մեծ խումբը, թագն ու գաւազանը ու շքանշանները կրող վարդապետներ փոխանորդին հետ, եկեղեցականաց դասը գրեթէ բոլոր մայրաքաղաք գտնուող եպիսկոպոսներով եւ վարդապետներով եւ բազմաթիւ քահանաներով, Եսայի պատրիարքի հանդիսադրութեամբ, մի մասն ալ դագաղը շրջապատած, զոր կը կրէին 12 կիսազգեստ քահանաներ, ետեւէն դարձեալ դպրաց խումբ մը, ազգային մարմիններ, օտարազգի ներկայացուցիչներ, մնացեալ պատգամաւորութիւններ եւ անհարմար ժողովուրդ: Թափօրը ընդարձակ շրջան մը ըրաւ, եւ Նշանճը, Վլանկա, Եէնիքաբու, Քումքաբուի դուրս Չիֆթէկէլին եւ Մօլլաթաշի փողոցներով մայրեկեղեցի դարձաւ, ուր դագաղը զետեղուեցաւ երկու օր եւս ժողովրդական յարգանաց առարկայ ըլլալու համար (84. ԱՐԼ. 248): Թափօրի ատեն բոլոր հայ եւ յոյն եկեղեցիներ տխուր մահազանգը կը հնչեցնէին շարունակ: Չորեքշաբթի հոկտեմբեր 31-ին նախապէս Ս. Խաչի աջակողմեան տաճարին մէջ 90 երեսփոխաններու ներկայութեամբ, Ընդհանուր ժողովոյ սգոյ նիստ մը կայացաւ, եւ յետոյ միջին տաճարին մէջ թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Եսայի պատրիարքի նախագահութեամբ եւ շուրջառներով եւ շապիկներով զգեստաւորուած եկեղեցական դասուն մասնակցութեամբ, անթիւ անհամար ժողովուրդի ներկայութեամբ, եւ նորանոր պսակներու նուիրմամբ: Մարմինը հողին յանձնուեցաւ ինչպէս որոշուած էր մայրտաճարի ներքին գաւիթին հարաւակողմը (84. ԱՐԼ. 250): Հանդիսակատարութիւնը լիութեամբ եւ գոհունակութեամբ լրացաւ, եւ միայն աչքի զարկաւ հայկաթոլիկ հասարակութեան կողմանէ պաշտօնական ներկայացուցիչներու բացակայութիւնը, մինչ Ներսէս իր հրաժեշտի գրութեան մէջ շնորհակալութեամբ յիշած էր հայկաթոլիկները, եւ յանուանէ իրենց Ազարեան պետը. մասնաւոր անձնաւորութիւններ իսկ ներկայ չէին, եւ հազիւ քանի մը հոգիներ տեսնուեցան ժողովուրդին խառնուած: Շինուելիք շիրիմը յատուկ յանձնաժողովի յանձնուեցաւ, որ իսկոյն հանգանակութիւն բացաւ, եւ աշխատեցաւ կառուցումն ալ չուշացնել մայրեկեղեցւոյ արեւմտեան պատին ներսի կողմը, մեծ դրան հարաւակողմը: Արուեստակերտ եւ սիւնազարդ շիրիմ մը եղաւ կառուցուածը. առջեւն ալ թաղուած տեղւոյն վրայ գետնէն բարձր գերեզմանաքար մը դրուեցաւ: Պատրիարքի մը մարմինը եկեղեցւոյ մէջ թաղել, թէպէտ ոչ սովորական, սակայն բոլորովին անօրինակ չէր, զի Յովհաննէս Կոլոտ պատրիարքի մարմինն ալ Ղալաթիոյ Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ներքին գաւիթին մէջ թաղուած էր 1988), թէպէտ այժմ, եկեղեցիին արեւմտեան մասին կտրուելովը, դուրսի բակին մէջ մնացած է:

2903. ԱՆՁՆ ՈՒ ԲՆՈՅԹԸ

Ներսէսի անձնական հանգամանաց վրայ փոքրիշատէ տեղեկութիւն տուինք, անոր հանրային ասպարէզ մտնալուն առթիւ 2733), եւ նորա կեանքին զանազան հանգրուաններուն եւ գործունէութեան գլխաւոր կէտերուն հետ բացատրութիւններ ալ տուինք, որով թէ Ներսէսի անձնաւորութիւնը եւ թէ մեր տեսութիւնները ըստ բաւականին ծանօթացած են: Այսուհանդերձ ներուի մեզ գերեզմանին փակուելէն ետքը քանի մը յետսհայեաց տեսութիւններ աւելցնել անոր անձն ու արդիւնքը ու արժանիքը պատկերացնող, հիմնուելով մեր իրեն հետ մօտաւոր յարաբերութեանց եւ ծանօթութեանց վրայ, ինչպէս ժամանակին ալ ըրած էինք առօրեայ հրատարակութեանց մէջ (84. ԱՐԼ. 261): Բարեձեւ եւ բարետեսիլ էր Ներսէսի արտաքինը, բարձր հասակ, գեղադէմ կերպարան, անձնեայ եւ մարմնեղ, գրաւիչ հայեացք, մօրուք եւ ընչացք առատ, հազիւ վերջին ատեններ երեւան եկած ցանցառ սպիտակ թելերով, խօսքը համեղ, վարմունքը հրապուրիչ, վերաբերմունքը քաղցր, տեսակցութիւնը շահեկան, յամենայնի վեհ, պատկառելի եւ համակրելի միանգամայն: Բնաւորութեամբ հեզահոգի եւ երկայնամիտ էր հասարակ կենակցութեան շրջանակի մէջ, իսկ պաշտօնական շրջանակի մէջ պահանջկոտ, իր համոզմանց դէմ յայտնուած հակառակութեանց, մանաւանդ արուեստակեալ եւ կամայական ընդդիմութեանց հանդէպ խստացող, ուսկից յառաջ կու գային նեղսրտութեան արտայայտութիւններ, որոնք հետզհետէ աճեցան ինքն տառապեցնող ախտին հետեւանօք, բայց առանց ջնջելու կենցաղական քաղցր բնաւորութիւնը, որով երկու հակառակ երեւոյթներու տարօրինակ միացումը յայտնի կ՚իրականանար իր վրայ: Այս էր պատճառը որ պաշտօնապէս խստութեան կը միացնէր անհատական քաղցրութիւնը. ոչ քէն կը պահէր եւ ոչ խէթ, եւ պաշտօնական շրջանակէն դուրս անկեղծ բարեկամութիւն կը ցուցնէր անոնց ալ որոնց դէմ խստացած էր (84. ԱՐԵ. 522): Ներսէսի վրայ նշանակելի էր պարզասիրութեան ձգտումը, առանց ստորնութեան հասնելու եւ առանց գծուծ ապրելու, ուտեստը, զգեստը, եւ բոլոր կենցաղը պարզ էր եւ պարզ մնաց: Չըքսալըի բարձունքի հօրենական տունը եւ կարասին հասարակ էին, պատրիարքի մը անվայել ըլլալու չափ, եւ եթէ երբեմն Բերա եւ Վլանկա եւ Քումգաբու վարձու բնակութիւններ փոխադրուեցաւ, պաշտօնական յարաբերութեանց եւ անձնական դարմանաց պէտքը միայն նկատի ունեցաւ, իսկ կայսեր պարգեւած տունին մէջ հազիւ վեց ամիս մնաց. հոն մեռաւ աւելի քան թէ ապրեցաւ: Զգեստի նիւթերն հասարակ էին միշտ, երփներանգէ եւ սեթեւեթներէ խորշեցաւ իսպառ, եւ առաջին առիթով փակեղին մանուշակագոյն մասն ալ սեւի փոխարկեց 2859): Նիւթականին հանգոյն էր բովանդակ կեանքն ալ: Արծաթսիրութեան ստուերն իսկ չերեւցաւ իր վրան, եւ ձեռքն անցած ցանցառ եւ չափաւոր նուէրներն ու արժէքները մտադիւր կը տրամադրէր հանրօգուտ բարեգործական եւ ուսումնական ձեռնարկներու: Մեռնելէն ետքը մօտէն բան մը չելաւ. եւ անոնք որ կ՚ենթադրէին թէ պահծու գումարներ ունեցած ըլլայ, եղբայրները ամբաստանեցին թէ վերջին պահուն եղածը վերցուցած ըլլան: Իր զգացումներուն գալով` կատարեալ հաւատացեալի տիպարն էր, կրօնական պարտաւորութեանց ճշդապահ, եկեղեցի յաճախող, կարգապահութեանց եւ հանդիսակատարութեանց քաջալերող, պաշտամանց ատեն մտամփոփ, համոզուած եւ յուզիչ քարոզող, արարողութեանց սիրահար, եկեղեցւոյ մէջ խօսքն ու ծիծաղը չէր տեսնուած, պատրիարքական աթոռը չէր նստեր, ի գուճս քիչ մը կը բազմէր, յոտընկայս կը մնար ցորչափ մարմնոյ տկարութիւնը կը ներէր: Հայաստանեայց եկեղեցւոյ դաւանութեանց նախանձայոյզ պաշտպան էր, թէպէտ հռոմէական եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականաց կարգապահութեան գովաբան եւ շարունակող: Այս մասին իր համոզմանց լուսաւոր փաստ կը կազմեն Օրմանեանի եւ հետեւողաց մայրենի եկեղեցի վերադարձին առթիւ յայտնած զգայուն տեսութիւնները (79. ՄԱՍ. 2463), զի եւ անոնց նմանողներուն վերադարձին գործը իր շահեցողութեամբ իրագործուեցաւ, 1830-ի բաժանումէն ի վեր չտեսնուած, չափով: Ասով մէկտեղ այլադաւաններու հանդէպ միշտ շինիչ յարաբերութիւններ պահեց, եւ մոլեռանդ խստութիւններ չգործածեց, ինչ որ մասամբ իր բնաւորութեան եւ մասամբ իր մտայնութեան հետեւանք էր: Վատիկանեան ժողովի հրաւէրին հանդէպ եթէ կարի խիստ ցոյցեր չըրաւ, թերեւս պայմանաւոր վարմունքով ազգայնաբար բան մը շահելու մտածմունքն ունեցաւ, բայց ոչ համամտութիւն յայտնեց եւ ոչ նպաստաւոր քայլ մը առաւ: Իր եկեղեցին կը սիրէր ու կը յարգէր, ու կէտ մը իսկ զոհել չէր ուզեր, բայց հռոմէական կարգապահութենէ բան մը ներս առնելու փափաքը չէր ծածկեր: Մէկ խօսքով իր անբասիր կենցաղը եւ եկեղեցականի վայել կեանքը գերազանցեց ամէն անձնական եւ պաշտօնական նկատումներու վրայ, այնպէս որ իր անձին ուխտեալ հակառակորդներ կամ լաւ եւս արուեստակեալ ընդդիմադիրներն իսկ չհամարձակեցան երբեք այդ մասին եւ ոչ ակնարկ մը ընել անոր դէմ:

2904. ՈՒՍՈՒՄՆ ՈՒ ԱՐԴԻՒՆՔԸ

Ներսէսի ուսումնական զարգացումը Խասքէօյի թաղական վարժարանին ծրագիրով փակուած էր, որ որչափ ալ կանոնաւոր եղած ըսուի, վերջապէս թաղական վարժարանի մը ընթացքէն աւելի չէր կրնար ըլլայ, եւ ինչ որ անկէ աւելի ստացած է, ինքնաշխատութեան եւ անձնական ջանքերու արդիւնքն եղած է: Իր աշակերտութեան ժամանակէն յատուկ աշխատութիւն եւ յառաջդիմութիւն ունեցած պիտի ըլլար, որ 16 տարեկան եղած ատեն նոյն վարժարանին մէջ ուսուցչական պաշտօնի կոչուեցաւ եւ 18 տարեկան Ադրիանուպոլիս փոխադրուելով քաղաքացւոց վարկն ու համակրութիւնը վայելեց, որոնք անշուշտ չունէին իր վրայ այն ներողամտութիւնը, որ կրնայ ենթադրուիլ Խասքէօյցիներու վրայ իրենց գիւղակից որբ պատանիին հանդէպ: Հայերէն եւ տաճկերէն եւ գաղղիերէն լեզուներուն բաւականաչափ տիրացած, ուսումնական եւ կրօնական հմտութեանց գոհացուցիչ պաշար մը գանձած, նա արժանացած է մայրաքաղաքի ուսեալ եւ զարգացեալ եւ լուսաւորեալ դասակարգին յարգանքը գրաւել, եւ իբր անոնց գլխաւորներէն մին պատուուիլ, եւ մինչեւ աստիճան մը ռահահորդ հանդիսանալ: Առանձին շրջանակներու մէջ բանիբուն բացատրութիւնները, ժողովներու մէջ խոհական տեսութիւնները, բեմերու վրայ հմտալից եւ օծուն քարոզները, գրութեանց մէջ սահուն եւ կուռ ոճը, կը հաւաստեն անոր մտաւոր զարգացումը, որ եթէ կանուխէն առատ պաշար ալ չունէր, դարձեալ մտաւորական ուշիմութեան նշանակ էր պաշարէն աւելի արդիւնք ցուցնել, գլխաւորապէս կրօնական ճիւղին մէջ: Կը պատմուի թէ Ռուսիոյ դեսպանատան մէջ Իկնաթիէվ դեսպանին եւ բարձրաստիճան օսմանեան պաշտօնէի մը ներկայութեամբ այնպիսի կուռ եւ առատ եւ գիտական բացատրութիւն մը տուած է Երրորդութեան վրայ, որ երկուքն ալ զարգացմամբ վկայած եւ գոված են Ներսէսի աստուածաբանական հմտութիւնը (84. ԱՐԼ. 270): Ներսէս իր ետեւէն նշանաւոր երկասիրութիւններ թողած չէ. բայց այս ա'լ պարզապէս իր վարած կեանքին հետեւանքն է եղած, որ միշտ եւ յարատեւ վարչական շրջանակին մէջ մնացած է, ժողովական, ատենապետ, պատուիրակ, առաջնորդ, պատրիարք, որոնք գրական վաստակոց ոչ պատեհ կու տան եւ ոչ զբաղիլ կը ներեն, եւ կրնանք ըսել թէ պաշտօնական կեանքէ ազատ վայրկեան մը չունեցաւ: Իր գրական արդեանց երախայրիքը ջատագովական տետրակ մըն է 26 փոքրագիր երեսներով եւ Քրիստոսի սուրբ եկեղեցին եւ անոր հակառակորդները վերտառութեամբ, զոր գրած եւ հրատարակած է 1864 յունուար 21-ին (ՔՐԻ. 26) ազգայիններէն ոմանց եկեղեցւոյ սկզբանց եւ խորհրդոց դէմ տետրակներ հրատարակելուն առթիւ, եւ հրամանաւ պատրիարքին եւ կրօնական ժողովոյ (ՔՐԻ. 1), որ կը ցուցնէ պաշտօնական շրջանակի մէջ կրօնական հմտութեանց տէր ճանչցուած ըլլալը: Աւելի ընդարձակ աշխատութիւն մըն է Ուսումն Համաբարբառ Աւետարանի Տեառն մերոյ հրատարակութիւնը պատրիարքութենէ առաջ պատրաստուած եւ պատրիարքութեան սկիզբը հրատարակուած, որ է չորս Աւետարաններու իրարու համաձայնութեամբ միացումը գրաբար բնագիրը եւ աշխարհաբար բացատրութիւնը պարունակող, տեղեկութիւններով եւ խորհրդածութիւններով ճոխացած: Յառաջաբանին մէջ ինքն ալ կը խոստովանի թէ հնոց եւ նորոց կարեւորագոյն բացատրութիւններն ընտրանաւ համառօտած է, եւ որչափ ալ օտարազգի հեղինակներէ օգտուած ըլլալը կերեւի, մասնաւորապէս Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Սուրբ Հարց գրուածներն ալ աչքի առջեւ ունեցած ըլլալը կը յիշէ (ՈՒՍ. 1): Գործը սեփական քննադատութիւններ եւ յատուկ իմաստասիրութիւններ չունի, բայց մեծապէս օգտակար է Քրիստոսի կեանքին եւ վարդապետութեանց վրայ ժողովուրդի միտքերը լուսաբանելու: Ներսէսի անունով կտակ մըն ալ հրատարակուեցաւ 1895-ին, մահուանէ 11 տարի ետքը (95. ԱՔՍ. 153-164), բոլորովին ազգային եւ վարչական պարունակութեամբ, զոր այստեղ միայն գրական տեսակէտէն կը յիշենք: Հրատարակողը զայն իր ձեռքն ունեցած է անդստին 1888-էն գաղղիերէն լեզուով հրատարակուած, զի հայերէն բնագիրը չէ տեսնուած, եւ հրատարակութիւնը եղած է նորէն գաղղիերէն հայերէնի թարգմանելով: Որչափ ալ հրատարակողները կը վկայեն թէ երաշխաւորել են մեզ սորա բնագրի մասին (95. ԱՔՍ. 153), բայց միշտ տեղի կը մնայ կասկածելու թէ տեղեակ գրողի մը յօրինուածը կրնայ ըլլալ: Կտակը 1884 հոկտեմբեր 1 թուականը կը կրէ (95. ԱՔՍ. 164), որ է ըսել մահուանէ 25 օր առաջ: Մենք չենք մտներ վաւերականութեան խնդիրին մէջ. միայն Ներսէսի հետ ունեցած մտերմական յարաբերութիւններնուս վրայ հիմնուելով կրնանք վկայել, թէ իսկապէս Ներսէսի մտայնութեանց եւ համոզմանց արտայայտութիւնն է կտակին պարունակութիւնը, ինչպէս առաջիկային պիտի վերլուծենք:

2905. ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՀԵՏԵՒԱՆՔԸ

Ներսէսի զօրաւորագոյն կողմը իր վարչական կարողութիւնն էր, որով դժուարին պարագաներու ձեռնամուխ ըլլալով իսկ` կրցաւ անոնց մէջ ինքզինքը բարձր պահել եւ ուղղութենէ չշեղիլ: Իր տասնամեայ պատրիարքութիւնը զանազան եւ բազմակողմանի խնդիրներով խճողուեցաւ, եւ ինքն ալ նախաձեռնարկ եղաւ նոր եւ դժուարին խնդիրներ յուզելու, որոնք եթէ իրենց նպատակին հասնելով չպսակուեցան, բայց եւ ոչ Ներսէսի վարկին եւ արժանիքին ստուերած բերին: Նա կրցաւ միշտ ճարտարութեամբ մէջէն ելնել եւ արժանեաց վարկը վրայ չտալ: Վարչական գործունէութիւնը կրնանք երկու մեծ ճիւղերու բաշխել, դէպի դուրս` կառավարութեան հետ եւ դէպի ներս` ազգութեան հետ: Առաջին բաժինին մէջ Խրիմեանի օրէն ծագած էր Հայ ազգին կացութեան խնդիրը, եւ գլխաւորապէս գաւառացի ժողովուրդին աննախանձելի վիճակը, որ յառաջ կու գար քրդական անզուսպ ցեղերու համարձակ բռնապետութենէն, կառավարական մարմիններու եւ պաշտօնեաներու թոյլ եւ անհոգ վարմունքէն, ապիկար եւ շահադէտ ընթացքէն չըսելու համար, եւ հայ տարրին անզէն եւ անպաշտպան ըլլալէն եւ դիմադրութեանց միջոց չունենալէն: Այդ կացութեան հարստահարութեան խնդիր անունը տրուեցաւ, եւ Խրիմեանի պատրիարքութեան ատեն Ներսէսի ատենապետութեամբ կազմուած յանձնաժողովը առաջին տեղեկագիր մը կազմեց 2823), երկրորդ մըն ալ Ներսէսի պատրիարքութեան ատեն կազմուեցաւ 2842), 1876 սեպտեմբեր 17 թուականով (ԲՏՂ. 9-44) եւ դիմումներ կրկնուեցան, եւ գործը առկախ կը մնար երբոր ռուսութուրք պատերազմը սկսաւ 2843), եւ Թուրքիոյ զանազան տարրներու վիճակին բարւոքման եւ երկրին բարեկարգութեան գաղափարները արթնցան: Ներսէս նախաձեռնարկ եղաւ, հարկաւ ոչ առանց խորհրդակիցներու եւ ոչ առանց գործակիցներու, բայց միշտ իր անհատական ձեռնարկութեան եւ անձնական պատասխանատուութեան ներքեւ, ուզեց առիթէն օգտուիլ եւ հայուն համար ալ լաւագոյն կացութիւն մը պատրաստել, եւ խաղաղութեան միջազգային դաշնագիրներու մէջ յաջողեցաւ հայուն անունն ու պէտքն ու իրաւունքը արձանագրել տալ, ինչպէս որ իր կարգին պատմած ենք 2844-2845), եւ այդ ձեռնարկէն ծագած Հայկական խնդիրին զանազան պարագաներն ալ բացատրած 2866): Նպատակնիս պատմութիւնը կրկնել չէ, այլ պարզապէս վեր հանել այն յաջողակութեան եւ վարչական կարողութեան փաստը, որ պիտի քաղուի այդ դժուարին եւ փափուկ ձեռնարկին մէջէն անփորձ ելնելէն, ոչ զինքն վտանգելով եւ ոչ իր գործը ուրանալով: Ներսէսի ձեռնարկը եթէ իր կատարեալ նպատակին չհասաւ, արգելքները պատահական պարագաներէն առաջ եկան, իսկ խնդիրը մնաց եւ միջազգային յարաբերութեանց եւ պետական մտադրութեանց առարկայ ըլլալ շարունակեց, եւ կրնար ալ արդիւնաւորուիլ եթէ ձախողակի շեղումներու չհանդիպէր: Այնպէս իմն կ՚ըմբռնուէր որ Ներսէս Թուրքիոյ Վեհապետին եւ պետութեան անախորժ ընթացքի մէջ գտնուած ըլլայ, եւ իր անձին հետ ազգն ալ վտանգի ենթարկած ըլլայ, սակայն միշտ ու յարատեւ եւ մինչեւ վերջին վայրկեանը Վեհապետին սիրելի եւ պետութեան ակնածելի մնացած ըլլալը եւ յատուկ պատուասիրութեանց առարկայ դառնալը, ձախող ըմբռնումը կը ցրէ, եւ ասով իսկ կ՚արդարացնէ եւ կը բարձրացնէ Ներսէսի վարչական կարողութիւնը: Իրօք ալ վարչականութեան առաւելութիւնը, դժուարութեանց առաւելութեամբ եւ փորձութեան յաճախութեամբը կը չափուի, եւ ոչ դիւրութեանց առատութեամբը: Թէպէտ քանիցս այդ կէտը դիտել տալու առիթներ ունեցանք, բայց վերջին անգամ մըն ալ հեղինակաւոր անձանց ձայնակցութեամբ կրկնել աւելորդ չենք սեպեր: Ներսէս նոր ճամբայ բացաւ ազգին առջեւ, ճամբայ մը որ կը տանի դէպ օրէնք եւ իրաւունք. զի օրէնք եւ իրաւունք էին իւր կէտ նպատակին, ինչպէս կը յայտարարէր դամբանախօս եպիսկոպոսը (84. ԱՐԼ. 248): Սիրելի եղած էր մեր Օգոստափառ կայսեր, եւ զանազան պարագաներու մէջ իւր հաւատարմութիւնը փորձով ցոյց տուած էր, ինչպէս կը վկայէր երեսփոխանութեան ատենապետը (84. ԱՐԼ. 251): Գաղափարի մը ներկայացուցիչ էր, եւ նշանաբան մը ` որով կը յուզէր ու կ՚ոգեւորէր ազգին ամենէն խոր ու ջերմ զգացմունքը, եւ որով լուսաւորութեան եւ բարօրութեան օրեր կ՚աւետէր, ինչպէս կը հռչակէր իրեն ոչ միշտ ջատագով եղող խմբագրապետ մը (84. ԱՐԵ. 522): Արձագանգ մըն ալ հեռուէն կը հնչէր եւ կը ցաւէր որ Ներսէս գիշերուան առանձնութեան մէջ առանց ընկերակցի հոգին աւանդելով, մեռնում էր առանց իւր վերջին խօսքը իւր ազգին ասելու. բայց կը մխիթարուէր աւելցնելով, թէ ունինք քու կեանքիդ, ունինք քեզմէ այդ ժառանգութիւնը (84. ԱՐՁ. 622): Իրօք ալ իր հանճարը եւ խոհական եւ ուղղամիտ կեանքը արժանի է ազգային մշտնջենաւոր ժառանգութիւն սեպուելու:

2906. ԿԵԱՆՔՆ ՈՒ ԱՐԺԱՆԻՔԸ

Նկատողութեան արժանի կէտ մըն ալ Ներսէսի հանդէպ ցուցուած ընդդիմութիւնը, եւ Ներսէսի կողմէ յայտնուած զգացումն է: Նախ եւ առաջ պէտք է ըսենք թէ ընդդիմադիր խումբը ոչ մեծամասնութիւն էր եւ ոչ կարեւոր բազմութիւն մը, եւ ոչ ժողովրդական բաժին մը, այլ պարզապէս փոքրիկ խմբակ մը, խօսքի յաջողակ, գրիչի ատակ, եւ գործի հետեւակ, որ սահմանադրութեան տառին կառչած էր եւ հոգիէն շլմորած, բծախնդրութեանց սիրահար անձեր կը կազմէին զայն, տեսակ մը սահմանադրամոլներ, եթէ այսպէս օրէն է կոչել, որոնք իրէն աւելի ձեւին, իսկութենէն աւելի երեւոյթին կը հետեւէին, եւ իրենց վրայ խօսիլ տալու փափաքով, եւ գիտցողի ու գործողի օդեր առնելով. ոչ թէ Ներսէսի անձին դէմ յատկապէս, այլ ամէն գործի գլուխ գտնուողներուն հանդէպ միեւնոյն վարմունքն ունէին: Միւս կողմէն զարմանալի էր որ Ընդհանուր ժողովներու մէջ խնդիրներ եւ աղմուկներ գոյացնող եւ ըմբոստութեան հասնող այդ անձեր, ձեւական շրջանակէ դուրս Ներսէսի հանդէպ պատուոյ եւ յարգանքի, սիրոյ եւ վարկի պահանջները խստիւ պահողներն էին: Ներսէս ալ եթէ ուրեք երբեք պաշտօնական շրջանակի մէջ անոնք հարուածէր, եւ անոնցմէ ձանձրանալով հրաժարականներ կը կրկնէր, պաշտօնականէն դուրս կատարեալ բարեկամա անոնց հանդէպ: Գայթակղութեան քարը սահմանադրական ձեւն էր, որուն կազմութեան Ներսէս ալ օգնած էր իր առաջին գործունէութեան ատեն, բայց երբ գործի գլուխ գտնուեցաւ, տեսաւ ընդունուած ձեւին թերի կողմերը, եւ նեղ դրութեան մէջ գտնուեցաւ, չկրնալով ոչ սահմանադրութիւնը ուրանալ եւ ոչ հետեւանքները տանիլ: Այդ ներհակ զգացումը յայտնապէս կը բացատրուի կտակ գրութեան մէջ: Նա չուրանար որ ինքն եւս նպաստեր է իրաց այս վիճակին, բայց չուզեր մեղադրուիլ այդ ըրածին համար, եւ զանազան մեկնութիւններ կու տայ, կամ իր բերնով կը տրուին, բոլոր անտեղի հետեւանքները ոչ սահմանադրութեան, այլ շեղումներու կը վերագրուին, կը յիշուի եկեղեցական իշխանութեան անարգուիլը, մինչ այն սահմանադրութենէ առաջ էր, եւ սահմանադրութիւն զայն չէր ջնջած. կը յիշուի Ընդհանուր ժողովին հասարակ տարրներէ կազմուիլը, որ սահմանադրութեան պահանջը չէր. կը յիշուի սահմանադրութենէ դուրս ներքին կանոնագիրին ստեղծման կացութիւնը, մինչ կանոնադրութիւնը սահմանադրութիւն չէր: Նոյնպէս կը դիտուի թէ յաջողութիւնը փոխանակ սեպհական խոհականութենէ եւ աշխատութենէ սպասելու, զայն շնորհքէ եւ պաշտպանութենէ սպասելու համոզումն էր տիրած, եւ ինքն ալ կարող աջակիցներէ զուրկ էր մնացած (95. ԱՔՍ. 154-157): Այս դիտողութեանց մէջ մեր տեսակէտով էական կէտ մը զանց եղած է, որ երեսփոխանութիւնը փոխանակ երկտարեկան ժողով մը ըլլալու, մշտատեւ ժողով մը դարձած եւ վարչութեան դեր ստացած էր: Հայկական խնդիրին վրայ ալ խօսելով կտակը կը յայտարարէ թէ Ներսէս հաւատարմութեան սկզբունքներէ շեղած չէ, եւ թէ իր օրինաւոր ընթացքով պետական պատիւ եւ հովանաւորութիւն ալ գտած է: Էջմիածնի ընտրութեան վրայ ալ խօսելով բացարձակապէս կը պաշտպանէ Մակար եպիսկոպոսի ընտրելիութիւնը: Կ. Պոլսոյ աթոռին համար իրեն յաջորդ մը չուզեր ցուցնել, միայն ուղիղ միտքով գործող մը կը յանձնարարէ: Երուսաղէմի պարտքին վճարման կարեւորութիւնը կը շեշտէ, Նուպար-Շահնազարեան վարժարանը վերակենդանացնել կը բաղձայ, եւ անկէ ելած սաներուն կը յանձնէ այդ փափաքը իրականացնել (95. ԱՔՍ. 158-164): Այդ համառօտ ակնարկներ բաւական ըլլան ներքին վարչութեան մասին Ներսէսի միտքը բացատրելու, զոր կրնանք վստահօրէն հաւաստել կտակ կոչուած գրութեան վաւերականութենէն անկախաբար: Ներսէսի մասին դեռ շատ եւս կէտեր եւ շատ երկարօրէն կրնայինք բացատրել, եւ եթէ քիչ մը աւելի ալ ընդարձակուեցանք, նպատակնիս եղած է ճշդիւ պատկերացնել անձ մը որ մեծ եղած է իր միտքով ու գործով. սակայն արդ եւս կը գտնուին իր մասին դիտողութիւն ընողներ, իր ուղղութիւնն ու ձեռնարկները մեղադրողներ, որոնք Ներսէսի գործունէութիւնը անկէ զեղծանողներուն գործերուն հետ կը շփոթեն: Մենք վստահօրէն կը կրկնենք նոյն խօսքերը, զորս 33 տարի առաջ գրած ենք հազիւ գոցուած գերեզմանին վրայ: Ներսէս իր ազգին բարւոյն եւ յառաջդիմութեան նախանձայոյզ եղաւ: Ներսէս իր ազգին ճշմարիտ օգուտին համար անձնուէր աշխատեցաւ: Ներսէս իր եկեղեցւոյն պայծառութեան ժիր մշակ եղաւ: Ներսէս իր պետութեան ճշմարիտ շահերուն գիտակ եւ հետեւող եղաւ: Ներսէս իր ամէն պաշտօններուն մէջ ժողովուրդը կէտ նպատակի ունեցաւ: Ներսէս իր բարձրութեան մէջ ժողովուրդին պէտքն ու ցաւերը չմոռցաւ: Ներսէս ժամանակին բերմունքը ճանչցաւ եւ ըստ այնմ գործեց: Ներսէս արդարացի եւ հնարաւոր իրաց համարձակ թարգմանը եղաւ: Ներսէս անձնական բարեմասնութեանց օրինակելի տիպար մը հանդիսացաւ: Ներսէս արդեամբ եւ արժանեօք բարձրացաւ: Ներսէս իր ազգը ճանչցուց եւ սիրցուց եւ պատուեց: Ներսէս պարագաներուն ներածին չափ իր ազգն ու եկեղեցին շահեցուց ու զարգացուց (84. ԱՐԼ. 261): Ազգը Ներսէսէն աւելին եւս կը սպասէր` աւելի ընդարձակ ասպարէզի մէջ Ամենայն Հայոց աթոռին վրայէն, բայց դժխեմ բախտը չնպաստեց, դժպհի ախտը դաւեց, դժնեայ պարագաներ զայրացան. դժգոհ մնաց հայ հանրութիւնը, դժնդակ հետեւանքներ երեւան եկան, երբոր գործին տէրն եւ ուղղիչը պակսեցաւ, եւ օտարոտի ձեռքեր տիրացան եւ ուղղիչ դառնալ յաւակնեցան:

2907. ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

Ներսէսի մահուամբը եւս քանզեւս աճեցաւ ազգային տագնապը: Մայրաթոռը թափուր էր Գէորգ կաթողիկոսի մահուանէ ի վեր. Երուսաղէմի աթոռակալը Եսայի տարիներէ հետէ պանդուխտ կը թափառէր Կ. Պոլսոյ մէջ. Կիլիկիոյ աթոռին վրայ Մկրտիչ իբրեւ օտար կը վարուէր իր պաշտօնին հանդէպ: Աղթամարէն գանգատներ կը հասնէին շարունակ Խաչատուրի ընթացքին դէմ. Կ. Պոլսոյ աթոռին պարապութիւնը կու գար լրացնել տագնապներուն շարքը, զի ամէն աթոռներ մտահոգութիւն պատճառող պարագաներ կը ներկայէին, եւ Կեդրոնին լուրջ հոգածութիւնը կը պահանջէին: Անհրաժեշտ դարմաններու շուտով ձեռք զարնելու եւ գործերը չյապաղելու դիտմամբ վարչութիւնը մտածեց Տեղապահի ընտրութիւնը զանց ընել, եւ պատրիարքական փոխանորդ Գէորգ Ռուսճուգլեան վարդապետի նախագահութեամբ անմիջապէս պատրիարքի ընտրութիւն կատարել, որպէսզի յետոյ նորընտիր պատրիարքի ձեռքով միւս պահանջները լրացնէ: Այդ խորհուրդին նախաձեռնութիւնը կրօնականը ստանձնեց եւ Խառն ժողովը հաստատեց հոկտեմբեր 31-ին, նոյն իսկ Ներսէսի թաղման օրը (84. ԱՐԼ. 250), սակայն պէտք էր կառավարութեան հաւանութիւնն ալ ընդունիլ, եւ Մաքսուտեան ատենապետ այդ նպատակով սկսաւ գործել: Միւս կողմանէ համագումարը հրաւիրուեցաւ ընտրելեաց ցանկը պատրաստելու եւ գումարուեցաւ նոյեմբեր 12-ին (84. ԱՐԼ. 260): Տաճկահայ եպիսկոպոսաց ցուցակը 30 անուն կը պարունակէր (84. ԱՐԼ. 257), եւ ըստ սովորութեան ամէնն ալ ընտրելի ցուցուեցան, քանի որ մէկ քուէն իսկ բաւական ընդունուած է ընտրելի սեպուելու համար: Այդ կէտը խնդիրի նիւթ դարձաւ գումարման մէջ ալ, եւ առաջարկուեցաւ 7 կամ 10 կամ 12 կամ 15 անուններով փակեալ ցանկի դրութիւնը ընդունիլ, եւ թէպէտ 15 անունի վրայ մեծամասնութիւն գոյացաւ, սակայն վերջնական որոշում չտրուեցաւ, զի սահմանադրութեան յօդուածին (ՍՀՄ. 14) փոփոխութիւնը կ՚ենթադրէր: Համագումարի ցանկին գլուխը աւելի քուէ ստացող եօթները եղան, Յարութիւն Վեհապետեան 41, Մատթէոս Իզմիրլեան 33, Բարթողիմէոս Չամիչեան 27, Մելքիսեդեկ Մուրատեան 27, Խորէն Նարպէյ 22, Խորէն Աշըգեան 21, եւ Մկրտիչ Խրիմեան 17: Միւս եպիսկոպոսներէն երեքը 16-էն 12, երեքը 7, երեքը 4, երեքը 3, վեցը 2, եւ հինգը մէկ քուէ առեր էին (84. ԱՐԼ. 260): Վերոյիշեալ եօթներէն իւրաքանչիւրն ալ զինք առաջն քշող կուսակցութիւն մը ունէր, եւ իւրաքանչիւրին համար նախադասութեան փաստեր կը խօսուէին տարբեր ըմբռնումներու հետեւողութեամբ. բայց ամենէն աւելի խօսուածը Վեհապետեանն էր, որուն ընտրելիութիւնը հոգեւին կը պաշտպանէր երեսփոխանութեան մէջ կազմուած, եւ իրեն յառաջադիմական անունը տուած կուսակցութիւնը, որչափ ալ Վեհապետեան հեռի էր յառաջադիմական գաղափարներով տոգորեալ ըլլալէ: Մուրատեանի պաշտպանութիւնը աւելի Զմիւռնիոյ կողմէն կը լսուէր. իսկ Չամիչեան եւ Նարպէյ իրենք էին որ իրենց ընտրելիութեան համար ճիգեր կը թափէին: Այսպէս նախապատրաստութիւնները լրացնելով օրէօր ընտրութիւն կատարելու պետական արտօնագիրին կը սպասուէր, որ սակայն կ՚ուշանար. բայց վերջապէս նոյեմբեր 28-ին պատասխան կը ստացուէր, թէ օրէնքին համաձայն նախ պէտք է տեղապահը նշանակուի, որ անոր անունին նոր ընտրութիւնը հրամայուի, եւ թէ փոխանորդին չի կրնար այսպիսի յանձնարարութիւն մը ըլլալ (84. ԱՐԼ. 273): Այսպէս վարչութեան մտածած փութացնելու եղանակը աւելի ուշացնելու պատճառ կը դառնար, որ պէտք չէր վրիպած ըլլար վարչութեան նախատեսութենէն. եւ շատ աւելի գործը դիւրացած կ՚ըլլար եթէ Ռուսճուգլեանը փոխանակ փոխանորդի` սկիզբէն տեղապահի անունով ներկայացուցած ըլլար, ինչ որ վերջէն վերջ ստիպուեցաւ ընել, եւ նոր անձնաւորութիւն մէջտեղ չհանելու համար զայն պաշտօնապէս տեղապահ ընտրեց դեկտեմբեր 5-ին, եւ անոր անունով ընտրութեան արտօնագիրը խնդրեց (84. ԱՐԼ. 279): Բայց դարձեալ գործը երկարեցաւ, զի կառավարութիւնը նոր հետազօտութեանց ետեւէն եղաւ, եւ վարչութեան թախանձանքները շարունակեցին, եւ հազիւ 1885 յունուար 15-ին ստացուեցաւ պահանջուած արտօնագիրը, 16-ին քաղաքականը հինգ նախադասելիներու ցուցակը կազմեց Վեհապետեանի, Իզմիրլեանի, Չամիչեանի, Նարպէյի եւ Աշըգեանի անուններով (85. ԱՐԼ. 312): Առաջին եօթներէն զեղչեց Մուրատեանի անունը, զի հօրմէն սկսեալ օսմանեան հպատակ չէր (ՍՀՄ. 13), եւ Խրիմեանի անունն ալ, որ անգամ մը պատրիարք եղած էր 2826): Վեհապետեանի անունը այս անգամ ալ ցանկին գլուխը անցած էր, եւ ամէն պարագայ նախատեսել կու տար անոր անհակառակ ընտրութիւնը, ինչ որ իրականացաւ ալ յունուար 25-ի Ընդհանուր ժողովոյ գումարման մէջ, եւ 88 ներկաներու 65 քուէով (84. ԱՐԼ. 321) կամ քուէներու երեք քառորդով Յարութիւն Վեհապետեան պատրիարք հռչակուեցաւ, եւ Ընդհանուրի կարծիքը, համագումարի միտքը, քաղաքականի առաջարկը միանգամայն արդարացան երեսփոխանութեան քուէարկութեամբ, եւ ընտրութիւնը մեծադղորդ խնդութեամբ ողջունուեցաւ ժողովականներու եւ ունկնդիրներու կողմէն, եւ արձագանգ տուաւ ժողովուրդի մէջ: Բայց երբ կը սպասուէր անմիջական հաստատութեամբ նորընտիրը գործին գլուխը տեսնել, ահա նոր խնդիր մըն ալ երեւան ելաւ: Մայրաքաղաքի գաղղիերէն թերթերէն ոմանց մէջ տեղեկութիւններ երեւցան Վեհապետեանի ծագման եւ ազգութեան վրայ, եւ յայտնապէս գրուեցաւ թէ մահմետական ծնողաց զաւակ եղած է, ու 14 տարեկան եղած ատեն քրիստոնէութիւն ընդունած է (85. ԱՐԼ. 323): Բնական էր որ այսպիսի տեղեկութիւն մը պիտի գրաւէր իսլամական պետութեան մտադրութիւնը, որուն կրօնական օրէնքն աններող է իրեններուն կրօնափոխութեան դէմ, ուստի ձեռք զարնուեցաւ անպաշտօն եւ մասնաւոր միջոցներով իրողութիւնը ստուգել: Ազգային լրագիրներ (85. ԱՐԼ. 323), եւ նոյն իսկ թուրք թերթեր (85. ԱՐԼ. 324) զրոյցը ստեցին, եւ բնիկ ղփտի եւ քրիստոնեայ ծնողներու զաւակ ըլլալը հրատարակեցին, եւ խառն ժողովն ալ յունուար 30-ին որոշեց կառավարութեան բողոքել այլ ընդ այլոյ հրատարակութեանց դէմ (85. ԱՐԼ. 333): Կառավարութիւնը իր քննութիւնները շարունակեց, մինչեւ իսկ Երուսաղէմի կառավարիչին ձեռքով նոյն իսկ Վեհապետեանի մտերմաբար հարցում ուղղուեցաւ (85. ԱՐԼ. 352), իսկ պատրիարքարանէն վկայագիր ալ տրուեցաւ թէ հորմէն սկսեալ օսմանեան հպատակ ըլլալուն, եւ թէ Եգիպտոս գաղթած Բերիացի Կիրակոսի զաւակ ըլլալուն, ինչպէս ալ ճանչցուած էր առաջին անգամ Կ. Պոլիս եկած ատենը 2651): Վերջապէս բոլոր դժուարութիւնները հարթուելով կայսերական հաստատութեան պաշտօնագիրը պատրիարքարան հաղորդուեցաւ մարտ 19-ին, աւագ երեքշաբթի օր, ընտրութենէն 54 օր ետքը. սիրտերը հանդարտեցան եւ գործերը օրինաւորութեան ձեւ ստացան, եւ մարտ 24 Զատիկի օր յիշատակութիւնը սկսաւ (85. ԱՐԼ. 366): Եղելութիւնը պատմականօրէն յառաջ բերելէ ետքը, աւելորդ չենք սեպեր յաւելուլ, թէ ժամանակին բերնէ բերան խօսուած տեղեկութիւնները Խորէն Նարպէյ եպիսկոպոսը կը մեղադրէին իբր Վեհապետեանի ծագման խօսքերը գաղղիերէն լրագիրներուն հաղորդողը, անոր ընտրութիւնը բեկանել տալով իրեն ընտրուելուն ճամբայ բանալու դիտմամբ, զի Վեհապետեանէն ետքը առաւելագոյն քուէ ստացողը ինքն էր, թէպէտ 88-էն միայն 12 քուէ:

2908. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ

Յարութիւն Վեհապետեանի առաջին կեանքը պատմած ենք մինչեւ Կարնոյ առաջնորդ ըլլալը 1859 ապրիլին 2652), պաշտօն մը զօր վարեց մինչեւ 1880 մարտ, որ է ըսել 21 տարի ամբողջ: Հնար չէր որ այսչափ երկար տարիներ առանց որ եւ է միջադէպի անցնէին, եւ Վեհապետեան ալ մէկ երկու անգամ ժողովրդական խնդիրներ ունեցաւ, ամբաստանութիւններ եղան իր վրան, որոնց համար պատրիարքարան գալ պարտաւորեցաւ, ռուսական շքանշան մը կառավարութենէն անհրաման գործածած ըլլալուն համար տէրութեան կողմէն քննութեան ենթարկուեցաւ, բայց երբեք դիրքէն չխախտուեցաւ եւ պաշտօնին վրայ մնաց առանց ընդհատման: Վեհապետեան սկզբունքով խիստ պահպանողական, հեռի էր որեւէ նորութեան հետեւելէ. նոյն իսկ սահմանադրական ձեւերուն համակիր մը չէր, բայց որչափ անտարբեր էր նորութիւններ մտածելու մէջ, առաւել եւս ստեղծելու եւ մղելու մէջ, նոյն չափ ալ ճշդապահ էր հաստատուած կանոնները ու ձեւերը անթերի կատարելու մէջ: Կարնոյ մէջ չէին պակսեր բուռն յառաջդիմական գաղափար մշակողներ, որոնց համար Վեհապետեան առաջնորդ սպասուած ու փնտռուած դերակատարը չէր: Իրաւ, իր օրով շինուած էին նոր առաջնորդարանը եւ նոր վարժարաններ, սակայն ոչ վարչական կազմակերպութեան եւ ոչ ուսումնական զարգացման եւ կատարելագործեալ ծրագիրներու հեղինակ չէր եղած, թէպէտ երբ ժողովրդական ձեռնարկներ կ՚ըլլային արգիլողը չէր: Ինքն ալ մասնակցած էր երկրին բարեգործական ծրագիրը կազմելու, երբոր պատրիարքարանէն զայն պատրաստելու հրահանգ էր եկած: Հիներու համար նա պատկառելի առաջնորդ մնաց, իսկ նորերու կողմէն անբաւական անձ նկատուեցաւ, եւ սոյն ըմբռնումները աւելի եւս զօրացան երբոր ռուսութուրք պատերազմէն ետքը նոր գաղափարներ երեւցան ազգին մէջ, եւ մինչեւ աստիճան մը կառավարութիւնն ալ անոնց նպաստաւոր ընթացք բռնեց: Այդ եղաւ պատճառը որ Վեհապետեան զգաց թէ այլ եւս հանդարտ պաշտօնավարութիւն պիտի չունենայ Կարնոյ մէջ, եւ յօժարակամ հրաժարեցաւ` երբոր երեսփոխանական ժողովոյ մեծամասնութիւնը գրաւոր կերպով իր հրաժարականը խնդրեց, մանաւանդ երբ ստորագրողներու մէջ տեսաւ իրեն վստահած անձերուն, Պալլարեաններու եւ Փաստրմաճեաններու եւ Տէր-Ազարեաններու անունները: Միւս կողմէն Կարնեցիք ալ զգուշացան ո'ր եւ է անպատուաբեր շարժումէ իրեն դէմ, եւ սիրով կարգադրեցին անոր դրամական խնդիրները, եւ այսպէս առանց քաշկռտուելու թողուց Կարինը, Կ. Պոլիս ալ մնալ չուզեց, եւ իր նախկին միաբանութեան ծոցը դարձաւ Երուսաղէմ: Այնտեղ ինն ամիս առկախ կացութիւն մը պահելէ ետքը, միաբանական գործունեայ կեանքի մէջ մտաւ 1881 յունիսէն սկսելով 2872), եւ տարի մը ետքը 1882 ապրիլին Եսայի պատրիարքի Կ. Պոլիս մեկնելուն առթիւ տեղակալութիւնը ստանձնեց 2876), եւ վարեց զայն երեք տարի մինչեւ 1885 մարտ 1-ին Եսայիի աթոռ դառնալը 2878): Անգամ մը միայն 1884 նոյեմբեր 11-ին Աղեքսանդրիա ուղեւորեցաւ Գէորգ Երէցեան եւ ուրիշ վարդապետներու ուղեկցութեամբ, քաղաքին նորաշէն եկեղեցիին օծման հրաւիրուելով, որուն խաչափայտի եւ տպագիրներու նուէր ալ տարաւ (84. ԱՐԼ. 82), եւ դեկտեմբեր 9-ին արարողութիւնը կատարելով շուտով դարձաւ Երուսաղէմ, եւ քիչ ետքը 1885 յունուար 26-ին Կ. Պոլսոյ պատրիարք ընտրուելուն լուրն առաւ (85. ՏՆՕ. 125): Եթէ ճիշդն ըսել ուզենք` ազգային գործոց բռնած ուղղութեան յարմար չէր Խրիմեանէ եւ Վարժապետեանէ ետքը Վեհապետեանի ընտրութիւնը, ոչ միայն զի երկուքէն ալ տարէց էր, այլ եւ բերմունքով եւ սկզբունքով ալ անոնց ձեռնարկներուն նմանողը չէր: Այլ եթէ ընդհանուր համամտութիւն մը գոյացաւ անոր ընտրութեան մասին, եւ նոյն իսկ յառաջդիմական խումբը իրեն ընտրելին հռչակեց Վեհապետեանը, պէտք է հետեւցնել թէ տիրող որոշ գաղափար մը կար այդ ընտրութեան մէջ: Ներսէսի ձեռնարկը կրնար վտանգաւոր կողմն ալ ունենալ եթէ ճարտար եւ խոհական ձեռքի չիյնար, մինչ Ներսէսի տեսակէն յարմար յաջորդ մը չէր գտնուէր: Այն ատեն պէտք եղաւ գոնէ այնպիսի մէկը ունենալ, որ կացութեան հաւատարիմ մնալու սկզբունքը յարգէր, չափազանցութեանց չզառածէր, փորձառութեամբ պարագաները կշռէր, եւ ճարտարութեամբ պետութեան հետ անոյշ յարաբերութիւնները պահէր. եւ իրօք, այսպիսի ոք էր Վեհապետեան. նոր ծրագիրներ եւ նախաձեռնութիւններ կազմելէ հեռու, բայց գտած վիճակն ալ ճշդութեամբ պահպանելու հաւատարիմ, եւ ահա թէ ի'նչպէս յաջողեցաւ Վեհապետեանի ընտրութիւնը: Երբոր յունուար 26-ի կէսօրին Կ. Պոլսոյ հեռագիրները հասաւ ընտրութիւնը աւետող, Ս. Յակոբեանց միաբանութիւնը խմբովին շնորհաւորութեան դիմեց, մինչ Վեհապետեան կը դժուարէր տակաւին իւր յանձնառութիւնը որոշել: Երեմիա Տէր-Սահակեան եպիսկոպոս, որոյ առաջնորդութեամբ կը ներկայանար խումբը, ըստ պատշաճի բացատրեց միաբանութեան փափաքն ու ակնկալութիւնը, զոր իրաւամբ կը տածէր այս ընտրութեան առթիւ: Միաբանները ձայնակցեցան, կրկնեցին, թախանձեցին, մինչեւ որ անոր բերնէն լսեցին թէ միայն յօգուտ Ս. Աթոռոյ կը յօժարի ընդունիլ այդ պաշտօնը (85. ՏՆՕ. 126): Թողլով բոլոր ընդհանուր պարագաները, որոնց մէջ իր միաբանութիւնը սիրող Երուսաղէմի միաբան մը կրնար կատարել ազգային պատրիարքութեան աթոռին վրայէն, երկու մեծամեծ խնդիրներ կային միաբանութեան վրայ ծանրացող, պարտուց բարձումը եւ մեծ արտին գրաւումէ ազատութիւնը, եւ երկուքն ալ Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանին գործունէութենէն եւ բարեացակամութենէն կախում ունէին, եւ կարծես թէ Երուսաղէմի աթոռին համար յատուկ նախախնամական այցելութիւն մըն էր Վեհապետեանի պատրիարքական ընտրութիւնը: Պետական հաստատութեան յապաղումը եւ մէջտեղ նետուած փափուկ պատճառը պահ մը ընտրեալն ալ միաբանութիւնն ալ մտահոգութեան մատնեցին, բայց առանց վարանման պատճառանքները փարատել աշխատեցան, եւ յատկապէս Կ. Պոլսոյ մէջ Երուսաղէմի փոխանորդ Սէֆէրեան Սիմոն եպիսկոպոսը, միաբանական շահերու անձնուէր եւ բոլորանուէր գործիչ մը, ուստի երբ պետական հաստատութեան աւետիսը հասաւ, միաբանութիւնը խմբովին եւ ամբողջութեամբ կրկնեց իր շնորհաւորական ցոյցը (85. ՏՆՕ. 154):

2909. ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԳՈՐԾԵՐ

Եսայի պատրիարք Կ. Պոլիս կը մնար տակաւին երբ պատրիարքական ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ որուն ելքը ինչպէս Երուսաղէմի միաբանութեան նոյնչափ եւ աւելի եւս անոր պետին ուրախութիւն պատճառեց: Երեք տարիներ լրանալու մօտ էին որ նա Կ. Պոլիս կը դեգերէր պարտուց բարձման ազդու միջոց մը ճարելու, եւ մտածուած միջոցին գործադրութիւնը կարգադրելու: Մենք կանխած ենք եւ Երուսաղէմի պարտքին պատմութիւնը լրացուցած ենք 2877-2878), նիւթը ամփոփ սպառած ըլլալու համար, բայց նորէն պիտի յիշենք որ թէպէտ զինուորական տուրքին վրայ յաւելուածով Երուսաղէմի դրամ հաւաքելու առաջարկը պետութենէն ընդունուեցաւ 1884 յունիս 5-ին, սակայն հնար չեղաւ այն իսկոյն գործադրել Ներսէսի հիւանդութեան եւ մահուան պատճառով, եւ հազիւ 1885 փետրուար 1-ին երեսփոխանութիւնը հաստատեց գաւառացւոց համար մտածուած ձեւը, եւ պարտաւորիչ պայման մըն ալ աւելցուց մայրաքաղաքացւոց համար (84. ԱՏՆ. 393): Այդ որոշումէն շաբաթ մը առաջ յունուար 25-ին տեղի ունեցած էր Վեհապետեանի ընտրութիւնը, եւ Եսայի պատրիարք այլ եւս ամենայն ինչ լրացած, որոշողութիւնը տրուած, եւ գործադրութիւնը կարող միաբանի մը յանձնուած տեսնելով, սկսաւ Երուսաղէմ դառնալու պատրաստութիւններով զբաղիլ, մանաւանդ որ բաւական ծանր հիւանդութիւն ալ անցուցած էր մտահոգութիւն պատճառելու չափ (84. ԱՐԼ. 270): Եսայի մեկնելու միտքը յայտնած էր նոյն իսկ Ընդհանուր ժողովին օրը փետրուար 1-ին, բայց ստիպուեցաւ յապաղել, գլխաւորաբար կայսեր կողմէ զինքն տեսնելու յայտնուած փափաքին վրայ, եւ փետրուար 31-ին մեկնելով մարտ 1-ին Երուսաղէմ մտաւ, եւ հոն կը գտնուէր երբ մարտ 19-ին Վեհապետեանի պատրիարքութեան կայսերական հաստատութեան աւետիսը հասաւ 2878): Եսայի պատրիարքին հետ Երուսաղէմ եկած էին Մատթէոս Իզմիրլեան եպիսկոպոս եւ աշխարհականներէն Գէորգ Փանոսեան իբր Եսայիի յուղարկ եւ Յարութիւնի հրաւիրակ միանգամայն, թէպէտ տակաւին հաստատութիւնը ստացուած չէր, բայց վստահութիւնը կազմուած էր: Հաստատութիւնն լսուելուն վրայ առաջիկայ աւագ հինգշաբթի օրը Իզմիրլեան առաջին յիշատակութիւնը կատարեց Ս. Յակոբեանց տաճարին մէջ (85. ՏՆՕ. 154), եւ միւս կողմէն մեկնելու կարգադրութիւններն եղան, եւ առանց շատ օր անցունելու ապրիլ 4-ին Նոր կիրակիի հինգշաբթին Վեհապետեան պատրիարք հանդիսաւոր կերպով Երուսաղէմէ մեկնեցաւ, եւ 7-ին Աշխարհամատրան կիրակիին Յոպպէէն նաւեց միշտ կրկնելով, թէ քանի ողջ է չպիտի մոռնայ Երուսաղէմը եւ Ս. Աթոռը, ուր կը թողու իւր հոգին անբաժան միաբանութենէն (85. ՏՆՕ. 160): Վեհապետեանի Կ. Պոլիս հասնիլը առաջիկային թողլով, նախապէս Երուսաղէմի դէպքերը քաղենք: Երուսաղէմի աթոռին մէջ մեծ է փակակալի կամ լուսարարապետի դերը, որ մինչեւ իսկ պատրիարքի դերը կը հակակշռէ. վասնզի բացարձակ վարիչն է եկեղեցւոյն եւ տէրն է գանձատան, ուր ինք մինակ կը մտնէ եւ կ՚ելլէ, կը հանէ եւ կը դնէ, միայնումիայն իր խիղճին պատասխանատուութեան ներքեւ: Վերջին լուսարարապետ Բաբերդցի Իսահակ եպիսկոպոս Աստուածատուրեան, անկողնին մէջ կաթուածահար եւ մեռած գտնուած էր 1883 մարտ 15-ին առտուն, եւ 21-ին գանձը կնքուած էր, եւ 22-ին պաշտօնական տեղեկագիրը կազմուած, եւ երկու տարի էր որ այդ դրութիւնը կը տիրէր, տօնական հանդէսներուն զգեստներ կը պակսէին, եւ զարդեր եւ սպասներ անխնամ կը մնային: Եսայի պատրիարք Կ. Պոլիս կը գտնուէր եւ նոր ընտրութիւն կը յապաղէր, զի ամբողջ միաբանութեան կէսէն աւելիին քուէարկութեամբ պէտք էր ընտրուէր լուսարարապետը, եւ պատրիարքի նախագահելն ալ կարեւոր էր, որուն մօտ օրէն դառնալուն յոյսերն ալ միշտ վառ կը մնային: Իբր կացութեան դարման Եսայի 1884 նոյեմբերին առաջարկած էր աթոռին ներկաներով եռանուն փակեալ ցանկ մը կազմել, եւ անոր վրայ բացակայից քուէներն ալ պահանջել, սակայն տնօրէնը նոր եւ անյարմար տեսած էր այդ առաջարկը (84. ՏՆՕ. 85): Եսայի երկրորդ անգամ առաջարկած էր 1884 դեկտեմբերին բաց կերպով բացականերէն քուէ ուզել եւ ներկայից քուէներուն խառնելով ընտրութիւն կատարել, բայց այս ձեւն ալ ձգձգուած էր, զի իր դարձը իբր մօտալուտ լսուած էր (84. ՏՆՕ. 104), եւ վերջապէս ընտրութիւնը մնացած էր իր վերադառնալուն: Ըստ այսմ ընտրողական ժողով գումարուեցաւ 1885 մարտ 7-ին, մեծպահոց հինգերորդ հինգշաբթի օրը, եւ բացականերէ հասած 5 քուէներն ալ 33 ներկայից քուէներուն աւելցուելով ընտրութիւնը կատարուեցաւ, եւ 21 քուէից մեծամասնութեամբ լուսարարապետ կամ փակակալ ընտրուեցաւ Կովկասի նուիրակ Սահակ Խապայեան վարդապետ, 8 քուէ ստացեր էր Երեմիա եպիսկոպոս Տէր-Սահակեան, եւ 9 քուէներ ցրուած էին 8 անձանց վրայ (85. ՄԻԱ. 265): Կատարուած ընտրութեան հոգին եւ նշանակութիւնը յայտնի էր, Ղեւոնդ Մաքսուտեան նախընթաց պայքարէն յաղթական ելած 2875) տնօրէնին կ՚ատենապետէր եւ Գէորգ Երէցեան ատենադպրին աջակցութեամբ ընտրութեան իշխողն էր, եւ Եսայի պատրիարք իրենց կը հովանաւորէր, եւ այս կերպով Ղեւոնդ կը փոխարինէր առաջին պայքարին մէջ Սահակէ ընդունած պաշտպանութիւնը եւ իր գործունէութեան հաւատարիմ գործակցութիւնը 2873) եւ Խապայեան ալ ապրիլ 15-ին իր շնորհակալութիւնը կը հեռագրէր (85. ՏՆՕ. 167): Սակայն այս ընտրութեամբ գանձատան խնդիրը չէր լուծուէր, զի ընտրեալը բացակայ էր, եւ առաջիկայ Զատիկին պէտք եղած զարդերը չէր կրնար հանել, բայց եթէ պէտքը չէր լրանար, Ղեւոնդ իր պարտքը լրացուցած կ՚ըլլար: Իսկ պէտքին համար կը կարգադրուէր ինչ որ առանց ընտրութեան ալ ընել հնար էր, եւ չորս անձանց մասնախումբ մը կը կազմուէր, որ կնիքները քակելով զարդեր եւ սպասներ հանուին եւ գանձատունը վերստին կնքուի, եւ հանուածներն ալ առանձինն պահուին հանգուցեալ լուսարարապետի օգնական վարդապետին հսկողութեան ներքեւ, եւ այսպէս ալ կը գործադրուէր մարտ 9-ին (85. ՏՆՕ. 150-151), եւ զատկական հանդէսները շքեղօրէն կը կատարուէին: Վերեւ յիշեցինք թէ հնաւանդ սովորութեամբ գանձատունը լուսարարապետին յանձնուած էր` միայն իր խիղճին պատասխանատուութեան ներքեւ: Այդ կէտը խնդիրի նիւթ եղաւ ընտրութենէ առաջ, եւ հանդէպ Աթոռին եւ Միաբանութեան ալ պատասխանատուութեան ձեւ մը գտնելու առաջարկներ եղան, բայց որոշ ձեւի վրայ համաձայնութիւն չգոյանալուն, սկզբամբ ընդունուեցաւ գանձատան պարունակութեան ցուցակ կազմել եւ նորընտրելի լուսարարապետը պարտաւոր ընել համակերպելու եւ հնազանդելու որեւէ որոշումի եւ տնօրէնութեան որ ժամանակին եւ պարագայից պահանջմանաց համեմատ միաբանական ընդհանուր ժողովին կողմէ պիտի լինի (85. ՄԻԱ. 264): Երուսաղէմի աթոռին գործերը շարունակեցին իրենց սովորական ընթացքին մէջ, ընդհանուր ժողովի դիւանը նորոգուեցաւ (85. ՄԻԱ. 269), Երեմիա եպիսկոպոս Վեհապետեանի յաջորդեց փոխանորդութեան մէջ, նոր տնօրէն ժողով ընտրուեցաւ միշտ Մաքսուտեանի եւ Երէցեանի պարտաւորիչ դարձած մասնակցութեամբ (85. ՄԻԱ. 301), իսկ պարտքի եւ մեծ արտի խնդիրներուն կարգադրութեանց համար Յարութիւն պատրիարքին Կ. Պոլսոյ մէջ կատարելիք յաջողութեանց սպասելով:

2910. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ Ի Կ. ՊՈԼԻՍ

Վեհապետեան Յարութիւն պատրիարք ապրիլ 7-ին Յոպպէ մեկնած աւստրիական շոգենաւով, արդէն Երուսաղէմ գտնուող Իզմիրլեան եւ Փանոսեան հրաւիրակներու, եւ Անոյշեան Գաբրիէլ վարդապետի ուղեկցութեամբ, առանց նորերու գալուն սպասելու. 12-ին հասաւ Զմիւռնիա ուր փառաւոր ընդունելութիւն պատրաստած էր իրեն Մուրատեան առաջնորդը, Երուսաղէմի նախկին միաբան 2868), ազգային եւ պետական հանդերձանքներով, եւ գիշերն ալ Սպարթալեանց ապարանքը հիւրասիրուելով (85. ԱՐԼ. 385): Միւս օր 13-ին Զմիւռնիայէ մեկնելով, 14-ին կարմիր կիրակի առտուն հասաւ Չանաքգալէ, ուր յատուկ շոգենաւով ընդ առաջ եկած էր 60 հոգիէ բաղկացեալ պատգամաւորութիւն մը, Արիստակէս Դերձակեան եւ Հմայեակ Դիմաքսեան եպիսկոպոսներու գլխաւորութեամբ, որոնց մէջ 6 վարդապետ եւ աւագերէցներ, 12 երեսփոխաններ, 10 վարչականներ եւ մնացեալը ժողովականներ: Նորընտիրը եւ հետեւորդները եկող շոգենաւը փոխադրուեցան, շնորհաւորութեան բանախօսութիւններ փոխանակուեցան, Չանաքգալէի թաղականութիւնն ու ժողովուրդը ներկայացան եւ երգեր երգուեցան: Եկող շոգենաւը կէսօրին ճամբայ ելլելով Կէլիպօլու հանդիպեցաւ, ուր խնդակցական ցոյցեր կրկնուեցան (485. ԱՐԼ. 383), եւ վերջապէս երկուշաբթի առտու ապրիլ 15-ին շոգենաւը կանգ առաւ Եէնիգաբուի ծոցը: Պատրիարքական տեղապահը դիմաւորեց եւ ցամաք հանեց, ուսկից փառաւոր թափօրով առաջնորդուեցաւ Գումգաբուի մայրեկեղեցին, ուր մտաւ եկեղեցական հանդէսով, աղօթեց, խօսեցաւ եւ օրհնեց, եւ պատրիարքարան ելլելով պաշտօնական մարմիններու շնորհաւորութիւնները ընդունեցաւ, եւ կէս օրին Երուսաղէմատուն անցաւ հանգստանալու: Ժողովրդական բազմութեան մասին ըսուած է թէ անհնար կ՚ըլլար անցքի ակօս մը բանալ Եէնիգաբուէ Գումգաբու եկած պահուն, եւ ընդունելութեան հանդէսը նման ցարդ չտեսնուած փառքով եւ շքով եղած կը վկայուի (85. ԱՐԼ. 384): Պատրիարքական ուխտը կատարուեցաւ ապրիլ 17-ին չորեքշաբթի օր (85. ԱՏՆ. 455), իսկ կայսերական ընդունելութիւնը յապաղեցաւ մինչեւ մայիս 6, Երկրորդ Ծաղկազարդի երկուշաբթին: Բայց Յարութիւն պատրիարք կանխեց եւ պաշտօնական գործերու ձեռնարկեց, ժողովներու նախագահեց, դիւանները եւ դիւանական գործերը քննեց, դիմումներ ընդունեցաւ եւ կարգադրեց, եւ ժիր գործունէութեան առհաւատաչեայն տալ սկսաւ: Ինքն 66 տարեկան էր տակաւին, ինչպէս կրցած ենք ստուգել արժանահաւատ եւ քաջահմուտ անձերէ, կազմուածքով առողջ, բնութեամբ գործունեայ, եւ աշխատութեան տոկուն, իր առաջին քայլերուն մէջ լաւ տպաւորութիւն թողուց մայրաքաղաքի հանրութեան վրայ, եւ որչափ ալ նորութիւններէ եւ փոփոխութիւններէ հեռու, սակայն տիրող պարագայից համակերպող եւ գտածը պահպանելու աշխատող էր, ինչ որ կը բաւէր խոհական դասակարգը լիովին գոհացնելու: Իր պատրիարքական գործունէութեան եւ իր օրով տեղի ունեցած գործերու մասին պիտի խօսինք առաջիկային:

2911. ԸՆՏՐՈՂԱԿԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՔ

Յարութիւն պատրիարքի ուխտէն եւ գործի սկսելէն միայն երկու օր ետքը, ապրիլ 19-ին Էջմիածնի ընտրողական ժողովը կը բացուէր, եւ 21-ին Երեւման խաչի կիրակէին կաթողիկոսական ընտրութիւնը տեղի կ՚ունենար, բայց մենք պէտք է պահ մը ետեւ դառնանք Տաճկահայոց մասնակցութեան անցքերը պատմելու: Ռուսահայոց մասին ըսելիք չունինք, անոնց մասնակցութիւնը հաստատուն կերպով որոշուած էր պօլօժէնիէի օրէնքով եւ նոր խնդիրներ յուզելու առիթ չունէին, եւ այս անգամ ալ իբրեւ նոր ընտրութիւն մը նորէն միեւնոյն կերպերը պիտի գործադրէին, զի նախընթաց տարւոյ մայիսի ընտրութեան համար կատարուած գործողութիւնները այս անգամուան համար ոյժ չէին կրնար ունենալ, եւ ամենայն ինչ նորէն պիտի կատարուէր: Իսկ Տաճկահայեր հաստատուն կանոն մը չունենալով, ամէն անգամ նոր խնդիրներու եւ նոր ձեւերու ետեւէ կ՚ըլլային, ինչպէս այս անգամ ալ Ներսէսի հրաժարականին կամ որ նոյն է մահուան օրն իսկ, 1884 հոկտեմբեր 26-ին, Ընդհանուր ժողովը կաթողիկոսական ընտրութեան խնդիրը օրակարգին կ՚անցունէր, որպէսզի կարենայ խորհրդակցիլ եւ որոշել թէ ի ' նչ ուղղութեան պիտի հետեւի ներկայ ընտրութեան առթիւ (84. ԱՏՆ. 354), որով անգամ մըն ալ իր երերուն եւ անկայուն ընթացքը եւ օրինական կանոն մը չունենալը կ՚ապացուցանէր: Հակառակ այդ առաջին փութկոտութեան դեկտեմբեր 11-ին դեռ գործի ձեռք զարնուած չէր, եւ իբրեւ տակաւին որոշուելիք խնդիրներ կը յիշուէին պօլօժէնիէի պարունակութիւնը եւ ընտրութեան ձեւը եւ գաւառաց մասնակցութեան կերպը (84. ԱՐԼ. 283), եւ զանազան կարծիքներ կը յայտնուէին, կամ նորինորոյ ընտրելիներ անուանել (84. ԱՐԼ. 288), եւ կամ նախընթաց ընտրութեան որոշումները պահել, միայն Ներսէսի պակսած անունին տեղ մերձաւորագոյն քուէ առնողները անցունել, եօթնանունին վրայ Վեհապետեանը եւ եռանունին վրայ Աշըգեան, նկատելով որ գաւառներէ քուէ ուզելու ժամանակը կը պակսի (84. ԱՐԼ. 296): Այս վերջին ձեւը անով աւելի նախընտրելի կը սեպուէր, որ նովին իսկ Խրիմեան առաջին ընտրելի եւ բաղձացեալ ընտրելի կը դառնար, զի Խրիմեանի անունը միշտ հրապուրիչ կողմ մը ունէր (85. ԱՐԼ. 335): Բայց Վահրամ Մանկունի եպիսկոպոս, որ տակաւին ամբաստանեալ դրութեան մէջ Էջմիածին կը մնար, յունուար 28 թուակիր ընդարձակ նամակ մը կը հրատարակէր, որով Տաճկահայերը կը յորդորէր իրենց եպիսկոպոսներուն շրջանակին մէջ չպարփակուիլ, խտրութենէ խորշիլ, եւ ռուսահայ եպիսկոպոս ալ ընտրելի ցուցնել (85. ԱՐԼ. 341): Փետրուար ամիսը լմննալու վրայ էր, ապրիլի կէսին ընտրողական ժողովը պիտի բացուէր, եւ տակաւին Տաճկահայոց երեսփոխանութիւնը որոշման մը յանգած չէր, եւ հրապարակի վրայ իրարու հակառակ կարծիքներ կը յայտնուէին, իսկ Էջմիածնի սինոդի կողմէ ազդարարութիւն կը հասնէր, թէ պօլօժէնիէի ընդունած ձեւէն տարբեր որ եւ է ընթացք չպիտի ընդունուի (85. ԱՐԼ. 345): Այսուհանդերձ Տաճկահայ երեսփոխանութիւնը մարտ 1-ի նիստին մէջ կ՚որոշէր 1884-ի ձեւը անխախտ պահել 2892), այսինքն երեք ընտրելիներ ներկայել իրենց երեսփոխանութենէ ստացած քուէներով, եւ ընտրելեաց եռանուն ցանկը լրացնելու համար Աշըգեանի անունը աւելցնել 1884-ին ստացած 18 քուէով, մինչ Խրիմեան եւ Մուրատեան կը մտնային 50 եւ 42 քուէով: Կ՚առաջարկուէր եւս Խորէն Նարպէյ եպիսկոպոսը եւ Մինաս Չերազը պատուիրակ նշանակել, եւ գաւառները հրահանգել որ ուղղակի չմասնակցին, այլ եթէ հրաւէրին կը պատասխանէն յիշեալ երկու պատուիրակները իրենց ներկայացուցիչ ցուցնել (85. ԱՐԼ. 350): Պատուիրակներու առաքումը դարձեալ դժուարութեանց կը հանդիպէր եւ գործը կ՚երկարէր, օրը կը մօտենար, ուստի նորէն կաթողիկոսական տեղապահ Մակար եպիսկոպոսը պատուիրակ կը նշանակուէր, եւ Յովհաննէս Մկրեան քահանայի կը յանձնուէր պաշտօնագիրները տանիլ եւ որոշմնագիրը Էջմիածին հասցնել, որ եւ հազիւ ապրիլ 6-ին Կ. Պոլիսէ կ՚ուղեւորէր եւ օրըստօրին Էջմիածին կը հասնէր (85. ԱՐԼ. 387), եւ յայտնի յանձնարարութեամբ Տաճկահայոց առաջին ընտրելին Խրիմեանը յաջողցնելու կ՚աշխատէր համազգային ընտրողական ժողովին մէջ (85. ԱՐԼ. 374): Դժուարին է ճշդել թէ ինչ տեսակ մտայնութիւն կը տիրէր տաճկահայ երեսփոխանութեան մէջ, երբ որ այս քանիցս անգամ ձախողած ճամբուն մէջ կը յարատեւէր, եւ ամէն անգամ տարբեր ձեւեր կը կազմէր եւ կ՚առաջարկէր: Մեզի անհաւատալի կը թուի ենթադրել որ իրօք այնչափ պարզամիտ ըլլար երեսփոխանութիւնը, որ անգիտաբար թէ իսկապէս, ինչ օրէնքով կը վարուէր Էջմիածինը եւ ինչ կանոնով ընտրութիւն կը կատարէր: Աւելի հաւանական կը կարծենք ըսել թէ պարզամտութիւն կը կեղծէր, ոչ ձեւին այլ հետեւանքին վրայ հիմնուելով, զի կը տեսնէր որ Մատթէոսի եւ Գէորգի եւ Ներսէսի ընտրութեանց մէջ իր մատնանիշ ըրած անձերը իրօք ալ ընտրուած էին, եւ Էջմիածնի ընտրողական ժողովին խոհականութիւնը իրեն զօրութեան հետ կը շփոթէր, եւ անոնց խոհականութեանը ապաւինելով դարձեալ իր անգամ մը ըրածէն ետ չէր դառնար, եւ վստահօրէն կը կարծէր որ երեք անգամ կրկնուած երեւոյթը չորրորդ անգամ մըն ալ կը յաջողէր: Սակայն ելքը չարդարացուց իր ակնկալութիւնը բոլոր ընտրական գործողութիւնները աւարտած էին երբոր Մկրեան քահանայի մեկնելէն ինն օր ետքը Վեհապետեան պատրիարք Կ. Պոլիս կը հասնէր, որով նոր պատրիարքը դարձուածներուն մասնակցութիւն չունէր: Արդէն ալ ապրիլ 1-ին, տակաւին Երուսաղէմ գտնուած ատեն, Եսայի պատրիարքի համամիտ գտնուած էր երբ յանուն Երուսաղէմի կ՚որոշուէր, կաթողիկոսական ընտրութեան խնդրոյն մէջ ցարդ ձեռնպահ մնացած լինելով, նոյն ընթացքը շարունակել (85. ՏՆՕ. 152):