Ազգապատում. հատոր Գ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

3015. ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԽՆԴԻՐԸ

Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանին գործերը ժամանակիս գլխաւոր պատմական իրողութիւններն են, եւ ներքին պարագայից գիտակցութիւնն ալ առաւել եւս կը գրաւէ պատմագրին ուշադրութիւնը: Բայց առանց ասոր ալ Էջմիածնի եւ Երուսաղէմի աթոռները իրենց սովորական ուղղութենէն դուրս յատուկ յիշատակութեան արժանի միջադէպներ չէին ներկայեր այդ միջոցին, որ մտադրութիւննիս անոնց կողմը դարձնենք: Աղթամարն ալ Խաչատուրի մահուանէ ետքը բոլորովին մոռացութեան տրուած աթոռ մը եղաւ 2968). իսկ Կիլիկիոյ աթոռը թէպէտ կարեւոր նիւթ կ՚ընծայէ մեզի, սակայն այն ալ անձուկ կապերով միացած է Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանի հետ: Պատմած ենք Իզմիրլեանի պատրիարքութեան օրով Ալէաթճեան Գրիգորիս եպիսկոպոսի վրայ կատարուած կաթողիկոսական ընտրութիւնը, եւ ընտրութեան խառն ժողովով հաստատուիլը, եւ կառավարութեան կողմէ մերժուիլը, եւ երեք եպիսկոպոսներու ըմբոստ ընթացքը, եւ Գազանճեան Յովհաննէս եպիսկոպոսի գողունի կաթողիկոս օծուիլը 2989), եւ այս վիճակի մէջ էին Կիլիկիոյ գործերը Իզմիրլեանի հրաժարած միջոցին 1896 յուլիսին: Որչափ ալ Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանը մերժած էր Գազանճեանի կարծեցեալ կաթողիկոսութիւնը, սակայն նա համարձակութիւն գտաւ Չամիչեանի տեղապահութեան օրով, որուն ուշնուրուշը իր անձին շուրջը կը դառնար, որով Գազանճեան պետական հովանաւորութեամբ զօրացաւ եւ մինչեւ իսկ յաջողեցաւ յաղթական մուտք գործել Ատանա, եւ 1896 դեկտեմբեր 1-ին հանդիսաւոր պատարագ մատուցանել ոստիկանական պաշտպանութեամբ եւ անունը յիշատակել տալ եւ կացութեան տիրապետել: Այս էր Կիլիկիոյ աթոռին վիճակը երբոր նոր պատրիարք եւ նոր վարչութիւն գործի գլուխ կ՚անցնէին, եւ պէտք էր նախ գետինը մաքրել, ինքընտիր կաթողիկոսը հեռացնել, որ հնար ըլլար օրինաւոր աթոռակալութեան խնդիրը ձեռք առնել: Ատանացիք ալ հակառակ էին Գազանճեանի ապօրինի կաթողիկոսութեան, եւ քաջալերուած Կ. Պոլսոյ վարչութենէն, ինչպէս որ ամէն առթի մէջ նախանձայոյզ եղած էին ազգային կեդրոնի յարաբերութեանց, դեկտեմբեր 29-ին յիշատակութիւնը արգիլել տուին, ժամարար քահանային բնաւ յիշել չտալով, եւ բուրվառակիրին կիսկատար կաթողիկոս անունով յիշելովը, որուն վրայ Գազանճեանի աջակիցներուն հանած շփոթին եւ բողոքներուն վրայ 40-ի չափ ատանացիներ իբր խռովայոյզներ բանտարկուեցան: Սակայն պատրիարքարան այդ շփոթն ալ առիթ առնելով իր բողոքը կրկնեց ու սաստկացուց, եւ Գազանճեանի հեռացումը պահանջեց, թէպէտ նա դեկտեմբեր 29-էն ետքը հրապարակէ քաշուած էր եւ առանձնական կեանք կը վարէր: Արդէն իր ընտրութեան անվաւեր պարագաներով կատարուած ըլլալը յայտնի էր, կառավարութեան մէջ ալ նոր պատրիարքը գոհացնելու միտքը կը տիրէր, նոր կուսակալ Պահրի փաշա Օրմանեանի ծանօթ եւ երախտապարտ էր, եւ Գազանճեան կառավարութեան ձեռքով Ատանայէ եւ Կիլիկիայէ հեռացուեցաւ, եւ կաթողիկոսութեան յաւակնութիւնը ջնջուեցաւ, եւ իբր աքսորական Պէյրութ փոխադրուեցաւ 1897 մարտի սկիզբները, այն տեղէն ուրիշ տեղ չերթալու պայմանով եւ ապրուստի թոշակ մը կապուելով: Իսկ գործակիցները Նիկողոս եւ Աբրահամ եպիսկոպոսներ եւ Կէօքեան վարդապետ գործէն ձեռնթափ եղան ինքզինքնին ազատելու մտադիր, եւ այլեւս ձայն հանելու իսկ չհամարձակեցան: Իսկ իբր աղմկայոյզ ձերբակալեալներ Սէլէֆկիէ դատարանէն անպարտ արձակուեցան: Գազանճեան այլեւս երբեք չխլրտեցաւ. արդէն բնութեամբ ալ հանդարտ մէկն էր, եւ իր արդարացման համար սովոր էր կրկնել, թէ կաթողիկոս օծուիլ յանձնառու եղած էր Աբրահամի ձգտումները արգիլելու համար, որ շատ աղիտաբեր պիտի ըլլար եթէ երբեք օծուիլ յաջողէր: Կիրակոս եպիսկոպոս Բէքմէզճեան պաշտօնապէս կաթողիկոսական տեղապահ ճանչցուեցաւ, որ թէպէտ մեծ կարողութեան տէր անձ մը չէր, եւ տարիքն ալ ութսունի մօտ էր, բայց պէտք է իբր գովեստ յիշատակենք, թէ կատարեալ հաւատարմութեամբ գործեց յօգուտ իր միաբանական աթոռին, եւ միշտ համակերպող գտնուեցաւ Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանի հրահանգներուն, եւ եթէ երբեմն յանկարծօրէն նենգամիտ թելադրութիւններէ գրաւուեցաւ, ինչպէս Գազանճեանի օծման պահուն, շուտով ուղղութեան դառնալու արիութիւնն ունեցաւ: Երբոր այսպէս գետինը արգելքներէ մաքրուեցաւ, կարգը եկաւ օրինաւոր աթոռակալը հաստատելու. ուստի նոր վարչութիւնը իւրացուց կանխապէս կատարուած ընտրութեան պաշտպանութիւնը եւ պաշտօնապէս խնդրեց Ալէաթճեանի կաթողիկոսութեան հաստատութիւնը: Այստեղ ալ Ալէաթճեանի համար իբր գովեստ պիտի յաւելունք, թէ իրեն շուրջը կատարուող անցուդարձերուն մէջ կատարելապէս կրաւորական ընթացք մը բռնեց, իր եպիսկոպոսական դիրքէն եւ սովորական պաշտօններէն վեր ձգտումներ չունեցաւ, եւ երբեք չնմանեցաւ Մելքիսեդեկ Մուրատեանի նմանօրինակ պարագայի մէջ ցուցած յաւակնութիւններուն 2930): Երկու տարի եւ աւելի տեւեց պատրիարքարանի եւ կառավարութեան միջեւ տեղի ունեցած բերանացի եւ գրաւոր բանակցութիւնը Ալէաթճեանի ընտրութեան շուրջը, որ յետոյ ստուար պարութայի մը նիւթ կազմեց: Պատրիարքարան ամէն տեսակ պաշտպանութիւն ընծայեց Ալէաթճեանի անձին, նոյն իսկ անոր ստորագրութեամբ յայտարարութիւն ալ մատոյց, յառաջ բերուած դիտողութիւնները ցրելու եւ հերքելու աշխատեցաւ, կատարուած ընտրութեան օրինաւորութիւնը փաստաբանեց, բայց անհնար եղաւ կայսեր միտքին վրայ ազդել եւ ընդդիմութիւնը ցածուցանել: Այս մտայնութեան իսկական պատճառը Ալէաթճեանի անունին իրական կամ պատահական կերպով Իզմիրլեանի անունին անգամ մը յարակցած, եւ այնպէս ալ շարունակած ըլլալն էր, եւ այն ամէն դժպհի գաղափարները որոնք Իզմիրլեանի մասին կայսեր միտքին մէջ սեւեռուած էին, կը ցոլանային Ալէաթճեանի վրայ, եւ Ալէաթճեան ալ կաթողիկոսական գահին վրայ իբրեւ նոր ոմն Իզմիրլեան ըլլալ կը կարծուէր, եւ անհաշտ եւ անողոք կը դարձնէր կայսեր միտքը, մինչեւ որ վերջապէս ամէն դարձուածներ մէկ կողմ թողլով բացարձակ մերժումի յանգեցաւ, որուն հանդէպ անհնար դարձաւ վարչութեան եւ պատրիարքին դարձեալ ընդդիմանալ, եւ ստիպողական նկատուեցաւ համակերպիլ ( ՕՄԱ. 68): Այս միջանկեալ տարիներու մէջ որչափ ալ Բէքմէզճեան պաշտօնապէս տեղապահ ճանչցուած էր, սակայն ամէն դիմում Կ. Պոլիս կ՚ուղղուէր, եւ անկէ կը տրուէին պատշաճ որոշումները եւ հրահանգները, մանաւանդ որ կարեւորագոյն գործերը, նպաստներն ու որբանոցներն էին, որոնք Կ. Պոլսոյ պատրիարքին ձեռքը կեդրոնացած էին:

3016. ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄԸ

Նոր էր ազգովին կատարուած ընտրութեան մը հանդէպ գրուած պետական մերժումը, եւ ցարդ նախընթաց ունեցած չէր, ինչ որ կը դժուարացնէր վարչութեան դիրքը, եւ կրնար ամէն տեսակ զրոյցներու եւ մեղադրանքներու առիթ ընծայել համակերպութեան համար տրուած որոշումը: Սոյն դժուարութիւնը ժողովականներ իրենք ալ զգացած էին, եւ այդ պատճառով երկու տարիէ աւելի երկարած էին կառավարութեան հետ բանակցութիւնը, եւ երբոր բանակցութեան դուռները գոցուեցան, կարծիքներու անհամաձայնութիւնը ժողովին մէջ ալ երեւցաւ, հակառակ որ ամէն խնդիրներու հանդէպ նշանակալից միաձայնութիւն տիրած էր անցեալին մէջ: Ստուգիւ ալ շատ դժուարին կացութիւն էր օրէնքի կարգ անցնելու չափ հաստատուն սովորութեան մը հակառակ տրուած արգելքին համակերպիլը: Վարչութիւնն ալ քանի քանի նիստեր նուիրեց պարագաները զննելու եւ չափելու եւ օգուտն ու վնասը նժարի մէջ կշռադատելու, մինչեւ որ կարծիքներ իրարու մօտեցան եւ համակերպելու պէտքը վճռական դարձաւ: Գլխաւոր փաստերէն մին եղաւ դիտել թէ կառավարութիւնը իր իրաւունքին վրայ կը գտնուէր երբոր ընտրութիւն մը կը մերժէր. անշուշտ հաստատելու իրաւունքը չհաստատելու իրաւունքն ալ կը պարունակէր, ապա թէ ոչ հաստատութիւնը իրաւունքի գործ եղած չէր ըլլար: Իսկ եկեղեցական ընտրութեանց մէջ պետական միջամտութիւնը ընդհանրապէս ընդունուած պարագայ մըն էր, որ Ռուսիոյ մէջ երկու ընտրեալներէն մին առնելու ձեւով կը գործադրուէր: Յունաց սահմանադրութեան մէջ ընտրեալներու ցուցակը զեղչելով կը գործադրուէր, իսկ Հայոց միակ ընտրեալ մը ներկայացնելը մերժումի պարագան կ՚ենթադրէր: Դիտելու կէտ մըն ալ էր նաեւ որ մերժումը դատապարտութիւն չէր, այլ միայն նուազ հաճելի ըլլալու արտայայտութիւն, որ մերժեալին վրայ բարոյական ծանրութիւն չէր բերեր, եւ ոչ ալ տիրապէս զրկուած մըն էր, զի օրինաւորապէս իրաւունքի անցնելէն առաջ կը կատարուէր, ապա թէ ոչ ամէն ոչ-ընտրեալներ զրկուածներ պէտք էր սեպուէին: Գալով ներկայ պարագային, քանի որ կայսրը հաճեցնելու կամ համոզելու կամ ստիպելու կերպը բացարձակապէս հեռացուած էր, կը մնար միայն անպայման ժամանակաւ կամ մինչեւ Ալէաթճեանի մահը դատարկ թողուլ Կիլիկիոյ աթոռը, որ արդէն վնասուած էր Քէֆսիզեանի մահէն յետոյ վեց տարիէ ի վեր դատարկ եւ ժողովուրդը անտէրունչ, եւ նոյն իսկ Քէֆսիզեանի օրերէն սկսելով անխնամ մնալով, եւ օտարադաւաններու համարձակ ասպարէզ էր դարձած: Ընդհանուր Հայ եկեղեցւոյ տեսակէտէն ալ ազգին մէջ իբր առած ընդունուած էր, թէ Սիսը պէտք էր Էջմիածնի համար, որպէսզի Արարատեան Մայրաթոռը խաղալիք չդառնայ տիրող պետութեան, մանաւանդ նկատելով նոյն ատեններ ձեռք առնուած խիստ միջոցները, որոնք Մայրաթոռին վտանգ կը սպառնային, եւ Կիլիկիոյ աթոռին պարապութիւնը կրնար եւս քանզեւս քաջալերել յարձակումը եւ վտանգը ծանրացնել: Վարչութիւնը իր մէջը համաձայնութիւն գոյացնելէ ետքը, պէտք ունէր հանրութեան կարծիքն ալ պատրաստել, եւ այդ ամէն պարագաները Կիլիկիոյ մասին տրուելիք վերջնական որոշման պայմանաժամը երկարեցին: Վերջապէս զգուշութեան ամէն պայմանները լրացնելով` համակերպելու որոշումը տրուեցաւ 1899 տարւոյ Զատիկէն ետքը, եւ թէպէտ ասկէ անկէ դիտողութիւններ սկսան լսուիլ, սակայն շուտով վերջացան Ալէաթճեանի վերահաս մահուամբը, որ բնաւ նախադասելի չէր, այլ անակնկալ մահացու հիւանդութիւն մը վերջ կու տար անոր կեանքին 1899 օգոստոս 15-ին, Վերափոխման կիրակի օրը, եւ երկուշաբթի յուղարկաւորութիւնը կը կատարուէր մեծաշուք հանդերձանօք: Վարչութիւնը համակերպութեան որոշման հետ նոր ընտրութեան անցնելու արտօնութիւնը կառավարութենէն խնդրած էր, բայց այդ առթիւ ալ ընտրելիին Սսոյ միաբան ըլլալը, ընտրողական գործողութեան ձեւերը, ընտրութիւնը վարելու իրաւասութիւնը, նոր եւ միջանկեալ խնդիրներու առիթ կ՚ընծայէին, երբ ընտրութեան գործերը վարելու համար պատրիարքական պատուիրակի մը առաքումը կ՚որոշուէր, եւ այս պաշտօնին կը կոչուէր Երուսաղէմի կաթողիկէին փակակալ կամ աթոռին լուսարարապետ Սահակ եպիսկոպոս Խապայեան իբրեւ եկեղեցական իրաւանց նախանձաւոր, կարգաց եւ կանոնաց հմուտ, եւ ակնառութենէ եւ տեղական տեսակէտներէ զերծ անձնաւորութիւն: Խապայեան եպիսկոպոս, Երուսաղէմի համար կարեւորութիւն ունեցող Աւագ Տօներու եւ Աստուածայայտնութեան հանդէսներուն առթիւ իր պաշտօնին պահանջները լրացնելով Երուսաղէմէ մեկնեցաւ եւ Կիլիկիա հասաւ 1900 տարւոյ փետրուարի առաջին օրերը ( ՕՄԱ. 68): Երուսաղէմի աթոռին աւանդական սովորութիւններէն մին ալ լուսարարապետներուն աթոռէն չհեռանալու պայմանն էր, սակայն Յարութիւն պատրիարք բնաւ այդ կէտը դիտողութեան նիւթ չըրաւ, ազգային գործին կարեւորութիւնը յարգելով, արդէն ինքն ալ 1892-ին Խապայեան լուսարարապետը Էջմիածինի ընտրութեան պատգամաւոր յղած էր 2969):

3017. ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՓՈՐՁ ՄԸ

Երբ պատրիարքարան ամէն դժուարութիւնները լուծած եւ գործը իրականացման ճամբուն վրայ դրած կը կարծէր, յանկարծ փետրուար 14-ին լուր կ՚առնէր, թէ Ատանայի կուսակալը նախարարութենէ առած հրահանգին համեմատ, Կ. Պոլիսէ յատուկ յղուած կրօնից տեսչութեան օգնականին աջակցութեամբ, եւ պատրիարքական պատուիրակին ներկայութիւնն ալ չսեպելով, ուղղակի Բէքմէզճեան տեղապահին հրամայած է ընտրողական ժողովը գումարել, եւ իր նախագահութեամբ ընտրութիւն կատարել տալ, եւ տեղապահն ալ ընդդիմանալ չկրնալով` շրջաբերական հրաւիրագիրներ յղած է, որ ընտրողներ մարտ 10-ին Ատանա հաւաքուին ընտրութիւն կատարելու: Կուսակալին հրամանը կը պարունակէր նաեւ նախապէս ընտրելեաց ցանկ կազմել, ցանկը արդարութեան եւ կրօնից նախարարութեան հաղորդել, եւ ցանկին զեղչուած դառնալէն ետքը ընտրութիւնը լրացնել եւ նախարարութեան յղել, եւ Կ. Պոլսոյ պատրիարքութենէն անկախաբար գործ աւարտել: Պատրիարք եւ վարչութիւն իսկոյն սաստիկ հրամաններ յղեցին Կիլիկիոյ գլխաւոր տեղերը, պատրիարքարանի հրահանգներուն համեմատ գործել, եւ առանց պատուիրակի նախագահութեան ընտրութիւն չկատարել, միանգամայն կառավարութեան մօտ դիմում ու բողոք մատուցին, եւ հետզհետէ սաստկացուցին. զի կենսական խնդիր էր պատրիարքութեան ազգապետական գրութիւնը խախտել, հայ ազգութիւնը երկուքի բաժնել, եւ Կիլիկիոյ համար նոր հայ ազգութիւն մը կազմել, ինչ որ Քէֆսիզեանի երազներէն մին եղած էր, բայց չէր յաջողած: Օրմանեան համարձակ կը յայտարարէր թէ ինքն բովանդակ Թուրքիոյ հայութեան պատրիարք ընտրուած ըլլալով, չէր կրնար յանձն առնուլ անոր մի մասին իր պատրիարքութենէն զատուիլը, եւ ազատութիւն կը զգար կիսուած հայութեան պատրիարք չմնալու: Ժամանակը նեղ էր, պատրիարք գործը կը փութացնէր, մինչ կառավարութիւնը ժամավաճառութեան ձեւեր կը բռնէր պատրիարքարանը լրացեալ իրողութեան դիմաց դնելու համար: Որչափ ալ Խապայեան պատուիրակ օրինաւորութեան պաշտպան կը կանգնէր, Բէքմէզճեան տեղապահն ալ պատրիարքարանի իրաւանց եւ հրահանգաց համակերպելու պատրաստականութիւն կը ցուցնէր, Կիլիկեցիներն ալ եւ գլխաւորապէս Ատանայի գլխաւորներն ու ժողովուրդը կեդրոնական պատրիարքարանէն զատուելու կամք չունէին, բայց խիթալի էր կառավարութեան բռնադատութեամբ աղիկամի գործողութեան մը կատարուիլը, ուստի վերջին պահուն մարտ 8-ին Ատանայի գումարման համար որոշուած օրէն երկու օր առաջ Օրմանեանի հրաժարագիրէն միայն հինգուկէս ամիս ետքը, միշտ միեւնոյն պայմանական ոճով եւ պատրիարքութեան կիսուելուն վրայ հիմնուած: Ինչ որ իբր կասկած կը յայտնուէր, իրօք ալ կը փորձուէր կուսակալին եւ յատուկ պաշտօնէին կողմէն. տեղապահը եւ պատուիրակը համաձայն էին առանց պատրիարքարանի հրահանգին ժողով չգումարել եւ ընտրութիւն չկատարել, բայց ստիպողական բռնադատութեան առջեւ կը զիջանէին ժողովի բացում միայն կատարել, ուր կուսակալը հեռագրական հրաման մը կը հաղորդէր, ընտրութեան վրայ կը խօսէր բայց գործը անորոշ թողլով կը մեկնէր, իրեն կը յաջորդէր կրօնից օգնականը եւ նախագահական աթոռը անցնելով անմիջապէս ընտրութեան կը ստիպէր: Պատուիրակը բացարձակ կերպով ժողովին կը հաղորդէր թէ կուսակալին հետ տարբեր կերպով պայմանաւորուած են, եւ օգնականին առաջարկը անոր հակառակ է: Ինքը կը մեկնի, եւ երբ ժողովականներուն քուէարկելու հրամանը կը կրկնուի օգնականէն, հաւաքուած ընտրողները, մեծաւ մասամբ Ատանացիներ, թէպէտ գաւառներու ներկայացուցիչներ, միայն պատուիրակին նախագահութեամբ ժողովին մէջ քուէ տալու արտօնութիւն ունենալնին մի առ մի կը յայտարարեն, եւ այսպէս ընտրական գործողութիւնը պարապի կ՚ելլայ, եւ պատրիարքարանի շրջաբերական հրահանգը կ՚արդարանայ, Ատանացւոց ցոյց տուած արիասիրտ ընդդիմութեամբ: Անշուշտ պատրիարքի հրաժարականն ալ իր ազդեցութիւնն ունեցած էր, զի կառավարութիւնը անմիջական կերպով հրաժարականը ետ առնելու ստիպումներու սկսած էր, եւ հրաժարագիրը ետ դարձուցած, զոր Օրմանեան կրկին կը յղէր, եւ մինչեւ 15 օր շարունակ յետ եւ յառաջ կը բերուէր ու կը տարուէր, մինչեւ որ վերջին անգամ մարտ 25-ին դարձեալ ղրկուելուն վրայ նախարարութեան մօտ կը մնար: Պատրիարքական հրաժարականը աւելի ոյժ կ՚առնէր վարչութեան համեմատութեամբը, որ մարտ 10-ին իր նիստերը կը դադրեցնէր. իսկ Ատանայի ժողովը մարտ 10-էն ապրիլ 3-ի կը յետաձգուէր, բայց գումարել իսկ չէր փորձուէր, եւ այսպէս ինքնիրեն կը լքուէր առանց պատրիարքարանի Կիլիկիոյ մէջ ընտրութիւն կատարել տալու փորձը: Օրմանեան իր հրաժարագիրին մէջ խառնած էր առաջին հրաժարականին ժամանակ տրուած խոստումներուն մեծաւ մասամբ անգործադիր մնացած ըլլալը, եւ աւելի ընդարձակութիւն տուած էր բողոքներուն. ուստի պատրիարքին հետ բանակցութիւնները սկսան մարտ 20-ին, նախապէս արդարութեան եւ կրօնից նախարարին հետ, եւ մայիս 2-ին ներքին գործոց նախարարին հետ, առանց յիշելու մասնաւոր պատգամաւորները, եւ նոյն իսկ կայսերական հրամանով Տատեանի եւ Նորատունկեանի բերնով հաղորդուած յորդորները, որոնց Օրմանեան միշտ կը դիմադրէր պնդելով թէ չի կրնար ազգային հիմնական կազմակերպութեան հակառակ որ եւ է նոր ձեւ ընդունիլ, եւ այնպիսի պայմանի մը գործակցիլ որ հայ ազգութիւնը երկփեղկելու, եւ տարբեր ազգութեանց բաժնելու նպատակն ունէր: Վերջապէս ապրիլ 13-ին կառավարութիւնը առանց ազգային միջամտութեան ընտրել տալու միտքէն հրաժարիլ յայտարարեց: Սակայն Օրմանեան տակաւին հրաժարականին վրայ կը պնդէր սպասելով որ նախապէս խոստացուած բայց լիապէս չգործադրուած կէտերն ալ պարզուին եւ լրանան, մինչեւ որ մայիս 11-ին արքունեաց առաջին քարտուղարը Տատեանի ընկերակցութեամբ երկար ժամերով եւ ամէն վստահութիւն ներշնչելով կը բռնադատէր պաշտօնը վերստանձնել: Մայիս 11-ի տեսակցութեան տեղեկութիւնները 12-ին Տատեան վարչական ժողովին կը հաղորդէր, խոստումներուն ոյժը կը բացատրէր, եւ ժողովին ընդունիլ կու տար իր գործունէութիւնը շարունակել եւ Օրմանեանն ալ գործոց գլուխը դարձնել: Այդ որոշումը 13-ին պատրիարքին կը հաղորդուէր, որ այլեւս ներքին եւ արտաքին համակամութեան առջեւ զիջանիլ կը ստիպուէր, միայն ընդհատ կերպով պատրիարքարան գալ յանձն կ՚առնէր, իսկ եկեղեցիներ եւ այլուր երեւնալէ կը զգուշանար մինչեւ յուլիսի վերջը ամբողջական գործադրութեան սպասելով: Կառավարութիւնը մայիս 22-ին զինուորական անվճար տուրքերուն մի մասը կը ներէր, եւ մի մասին ալ յապաղում կը շնորհէր, իսկ 28-ին ինչ ինչ ուրիշ կարգադրութիւններ կը հաղորդէր, զոր օրինակ երթեւեկի սեղմումներէն մաս մը եւս կը դադրեցնէր գործառնութեանց եւ զբաղմանց ընդլայնում կու տար, կարօտելոց նպաստ կը պարգեւէր, բայց պատրիարքը չէր դադարէր պահանջել քաղաքական սովորական իրաւանց կատարեալ վայելումը եւ ամէն արգելքներու բարձումը:

3018. ԱՊԱՐԴԻՒՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

Կիլիկիոյ ընտրութեան դառնալով երբոր կառավարութիւնը առանց պատրիարքարանի միջամտութեան ընտրութիւն ընելու միտքէն կը հրաժարէր, պայման կը դնէր ընտրելեաց ցանկին ներկայացման եւ զեղչման ձեւը, ինչ որ նոր բանակցութեանց դուռ կը բանար եւ գործը կ՚երկարէր: Խապայեան պատուիրակ որ իր գործունէութիւնը արգիլուած կը տեսնէր, ինն ամիսներ Կիլիկիա մնալէն ետքը 1900, նոյեմբերին Երուսաղէմ կը դառնար, ուր իր լուսարարապետական պաշտօնը զինքն կը կոչէր ուխտաւորութեանց եւ տօնախմբութեանց միջոցին, նորէն դառնալու մտադրութեամբ երբոր դժուարութիւնք հարթուին: Կառավարութեան առաջարկած պայմանէն ծագող խնդիրն ալ աւելի կ՚երկարէր, զի այս մասին կրօնական ժողովն ալ վերապահութեամբ կը մնար եւ ընտրելեաց ցուցակը ներկայելու չէր հաւաներ, որով կրօնականի եւ քաղաքականի միջեւ վիճաբանութիւնները շարունակեցին գրեթէ վեց ամիս ամբողջ, մինչեւ որ կրօնականն ալ յանձն առաւ տեղի տալ: Քաղաքականի կողմէ իբրեւ փաստ կը գործածուէին սահմանադրութեան մէջ Կիլիկիոյ մասին ձեւ մը օրինադրուած չըլլալը, ընտրելեաց ցանկին ներկայացումն Յունաց սահմանադրութեան մէջ պարունակուած եւ հայկաթոլիկներէն ընդունուած ըլլալը, նախապէս զեղչման ձեւին վերջէն մերժման ձեւին վրայ շատ տեսակէտներով նախադասելի ըլլալը, կառավարութեան որեւէ կերպով ընտրութեանց միջամտելը պետական ընկալեալ իրաւունք ըլլալը, աւելորդ պնդումներով Կիլիկիոյ աթոռը անտէրունչ թողուելուն վնասակար նկատուիլը, ռուսական կառավարութեան կողմէ Մայրաթոռին վրայ փորձուած սեղմումներուն Կիլիկիոյ աթոռին դատարկութիւնը վերջացնելու հարկը զգացնելը, եւ ասոնց ամէնուն վրայ Մայրաթոռոյ հայրապետ Խրիմեանի կողմէ եկած յայտնի յորդորականը, որպէսզի ցուցակի ներկայացման խնդիրին կարեւորութիւն չտալով օր առաջ Կիլիկիոյ աթոռին վրայ կաթողիկոս մը հաստատուի: Այդ ամէն տեսութիւններ երկար ծեծուելով` վերջապէս խառն ժողովը համաձայնութեան յորդորեցին, եւ 1900 դեկտեմբեր 1-ի նիստին մէջ կրօնականն ալ քաղաքականի համաձայնելով ընտրելեաց ցանկը ներկայացնելու եւ ընտրելեաց զեղչը յանձն առնելու որոշումը տրուեցաւ: Այդ խնդիրին վերբերմամբ անցած ժամանակը նկատի առնուած ատեն չի կրնար երբեք ըսուիլ թէ վարչութիւնը թուլութեամբ կամ անմտադրութեամբ գործ մը կատարած ըլլայ, այլ թէ իսկական անհրաժեշտ պահանջի մը առջեւ զիջանելու պարտաւորուած է. ինչ որ իր օրինական արդարացումն ալ է: Օրմանեան ալ բաւական սեպեց որ իր ընդդիմութեամբ եւ հրաժարականով ազգային բաժանման առջեւն առնել յաջողեցաւ, համոզուած ըլլալով որ հրաժարականներ կրնան միայն պատահական խնդիր մը կարգադրել, թէպէտ ընդհանուր կացութիւնը հիմնապէս բարւոքելու արդիւնքը չունենան: Իսկ ընտրելեաց ցանկին ներկայացման կէտը նկատեց լոկ իբրեւ պետական ձեւակերպութեան մը փոփոխութիւն, եւ ոչ նորինորոյ պետական միջամտութիւն ստեղծելու առիթ, եւ գուցէ ալ ցանկին առաջուց զեղչումը ապագայ մերժումին նախադասելի իսկ նկատելով որ, ինչպէս կառավարութեան կողմէն ալ կը դիտուէր, աւելի դիւրին եւ աւելի պատուաւոր է կերպով մը ներս չառնել, քան թէ ներս առնելէն ետքը դուրս հանել: Երբոր ամէն միջանկեալ խնդիրներ հարթուեցան, Խապայեան պատուիրակ հրաւիրուեցաւ Կիլիկիա դառնալ, ուր հասաւ 1901 օգոստոսի մէջ, Երուսաղէմի տօներուն պէտքերը իբր լուսարարապետ աւարտելէն ետքը, եւ սկսաւ զբաղիլ ժողովի կազմութեամբ, պատգամաւորներու ընտրութեամբ, եւ նոյն իսկ ժողովի նախագահութեամբ, եւս եւ կուսակալին ներկայութեան եւ դիրքին խնդիրով: Այդ գործողութիւնները ընտրողական ժողովին գումարումը յետաձգեցին մինչեւ 1901 հոկտեմբեր 20, որուն մէջ ընտրելեաց վեցանուն ցանկը կազմուեցաւ: Գլուխը կը գտնուէին երկու Երուսաղէմի եպիսկոպոսները Սահակ Խապայեան եւ Գէորգ Երէցեան 50 եւ 48 քուէով 54 քուէարկուներու վրայ, կը յաջորդէին երեք Կ. Պոլսեցի եպիսկոպոսներ Վահրամ Մանկունի եւ Հմայեակ Դիմաքսեան եւ Գրիգորիս Յովհաննէսեան 45, 44 եւ 30 քուէներով, վեցերորդ անունը Օրմանեան պատրիարքին էր 28 քուէով (01. ԲԻԶ. 1543): Օրմանեանի անունին յատուկ նշանակութիւն տրուած էր. զի զրոյց մը հռչակուած էր իբր թէ հետամուտ էր պատրիարք մնալով կաթողիկոս ընտրուիլ, եւ Կիլիկիոյ ու Կ. Պոլսոյ աթոռները միացնել. միտք մը որ անգամ մը Տատեանի բերնէն լսուած էր, իսկ Օրմանեան ժողովի մէջ յայտարարած էր թէ այդ ենթադրութեան մէջ Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական կարգաց խանգարում յառաջ կու գար, զոր ոչ ինքն յանձն կ՚առնէր եւ ոչ ուրիշի մը կը ներէր ընել: Բայց ինչ ալ ըլլար այդ մասին կատարուած անցուդարձը, բնաւ ենթադրելի չէր Օրմանեանի ընտրուիլը, եւ կառավարութիւնն ալ առաջ անոր անունն էր զեղչած, արդէն պաշտօնի վրայ գտնուելուն պատճառով, եւ ապա միահաղոյն զեղչած էր երեք Կ. Պոլսոյ եպիսկոպոսները, թէպէտ երկուքը կրօնական ժողովոյ ատենապետներն էին, եւ թողած էր միայն երկու Երուսաղէմի եպիսկոպոսները: Այդ որոշման համար ալ ամիս մը հարկ եղած էր, զի միայն նոյեմբեր 23-ին պաշտօնական կերպով հաղորդուեցաւ (01. ԲԻԶ. 1571): Այս կերպով Կիլիկիոյ ընտրողական ժողովին շրջանակը շատ ամփոփուած էր, եւ հաւանականագոյն կը կարծուէր Խապայեանի նախադասուիլը, եւ այս էր պատրիարքին եւ վարչութեան ալ միտքը, եւ այդպէս կ՚ըմբռնուէր ընտրողներուն ալ դիտումը, որոնք մօտէն գործի վրայ տեսած էին զայն, մինչ իրենց համար բոլորովին անծանօթ մըն էր Երէցեանը: Սակայն հակառակ այդ նախատեսութեան` նոյեմբեր 29-ի գումարման մէջ Երէցեանի կը վիճակէր 32 քուէներու առաւելութիւնը, մինչ Խապայեան կը մնար 27 քուէով, թէպէտ վեցանուն ցանկին մէջ Խապայեանի քուէները աւելի էին Երէցեանի քուէներէն (01. ԲԻԶ. 1577): Չենք կրնար ճշդել թէ ընտրողաց կողմէն Խապայեանի մասին կասկածի մը, կամ թէ Խապայեանի կողմէն իր հին ընկերակցին եւ մտերիմին դիրք մը պատրաստելու բաղձանքին հետեւանքն էր այդ ընտրութիւնը: Ստոյգ է որ Խապայեան ընտրութենէ խուսափելով Երէցեանի վրայ հրաւիրած է ընտրողաց քուէները (01. ԲԻԶ. 1587), բայց կը յիշուի նաեւ որ նոյն օրեր Կ. Պոլիսէ եկող Ատանացի մը, մայրաքաղաքի մեծամեծներէն ոմանց թելադրութեամբ, Երէցեանը յարմարագոյն եւ կարողագոյն ցուցած է, եւ այսպէս գոյացած է 5 քուէից առաւելութիւնը:

3019. ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋԸ

Երէցեան Գէորգ եպիսկոպոսին ընտրուելուն լուրը անակնկալ մը եղաւ մայրաքաղաքի մէջ, բայց որովհետեւ կատարուած գործողութիւն մըն էր եւ Երէցեանի անձն ալ բաւական յարգ ու վարկ կը վայելէր հասարակութեան մէջ, համակրութեամբ ողջունուեցաւ, շնորհաւորութիւններ ամէն կողմէ յաճախեցին, եւ ինքն ալ մտադիւր ընդունեցաւ իրեն հանդէպ յայտնուած պատուաւոր ցոյցերը, թէպէտ անոնց մէջ լաւ մաս մը ունէր գործին ըստ ինքեան կարեւորութիւնը. զի 1895 նոյեմբեր 15-ին դատարկացած Կիլիկիոյ աթոռը վեց տարի ետքը 1901 նոյեմբեր 29-ին աթոռակալ մը պիտի ունենար, բաւական դժուարութիւններէ եւ բազմադիմի խնդիրներէ անցնելէն ետքը. սակայն դժբախտաբար այս պարագային ալ ձեռնունայն պիտի ելլէր Կիլիկեան աթոռը: Նոյեմբեր 29-էն մինչեւ դեկտեմբեր 13, երկու շաբաթ ամբողջ, Երէցեան ընդդիմութեան նշան չցուցուց, ինքզինքը կատարուած գործողութեան հանդէպ տեսաւ, թէպէտ այցելուներուն կը յիշեցնէր գործին դժուարութիւնը, պէտքերու շատութիւնը, կացութեան անորոշութիւնը, եւ յարաբերութեանց շփոթութիւնը, ինչ որ ամէն նոր պաշտօնի կանչուողներուն սովորական խօսքերն են: Օրմանեանի հետ ստէպ տեսակցութիւններ կ՚ունենար, եւ միասին կը խորհրդակցէին թէ ի՞նչ ճամբով, ո՞ր ժամանակ, ի՞նչ պայմաններով յարմար էր ուղեւորիլ, ո՞ր անձեր կրնային գործածուիլ, ի՞նչ միջոցներ պէտք էին, ի՞նչ կազմակերպութիւն պէտք էր հաստատել, ի՞նչ յարաբերութիւններ մշակել (01. ԲԻԶ. 1556). նմանապէս պատրիարքարանի դիւանապետներէն ալ կարեւոր տեղեկութիւններ քաղելու կը հետեւէր (01. ԲԻԶ. 1581), եւ այս ամէնը ընտրութեան համակերպելուն նշաններն էին, թէպէտ պաշտօնական յայտարարութիւնը կը վերապահէր տեղեկագիրին հասնելուն: Ընդհանուր համոզում գոյացած էր թէ պաշտօնը պիտի ստանձնէ, ուստի զարմացմամբ լսուեցաւ դեկտեմբեր 13-ին յղած հրաժարագիրը, որ վարչական ժողովի ներկայացաւ (01. ԲԻԶ. 1588), եւ 14-ին պատասխանուեցաւ անընդունելի լինելը յայտնելով, նա ալ ի պատասխանի հրաժարականը կրկնեց դեկտեմբեր 20-ին, բայց Ամանորի եւ Ծննդեան տօնական օրերէն ետքը 1902 յունուար 9-ին կը պատասխանէր պատրիարքը շատ երկար գրութեամբ մը, մի առ մի ցրելով յիշուած կամ ենթադրուած պատճառները. իսկ վարչութիւնը յունուար 18-ին միայն կրնար այս խնդիրով զբաղիլ, արգիլուելով տօնական օրերէն զատ պատրիարքին տիրամօր յունուար 14-ին վախճանելէն: Վարչութիւնն ալ հրաժարականը մերժելով պատճառներուն մասին բացատրութեան կը սպասէր (02. ԲԻԶ. 1617), եւ Երէցեան երկարօրէն կը պատասխանէր յունուար 21-ին պատճառելով թէ 17-ին միայն ստացած է պատրիարքին գիրը: Օրմանեան կատարուած ընտրութեան համակերպելու պէտքը պնդած էր ամէն տեսակէտներէ. եկեղեցական կոչումէն, եպիսկոպոսական աստիճանէն, Կիլիկիոյ պահանջէն, յայտնուած գոհունակութենէն, նոր ընտրութեան դժուարութենէն, հանրային տպաւորութենէն, սկիզբէն ցուցած համակերպութենէն, եւ ընդհանուր գործին համար անձնական զոհողութեան պարտաւորութենէն, յիշեցնելով Խրիմեան կաթողիկոսին ալ այդ մասին համամտութիւնը: Իսկ Երէցեան իր պաշտպանութեան համար յառաջ կը բերէր կանխաւ Խապայեան պատուիրակին ընտրելիութենէ հրաժարելու համար գրած գիրը, ուսկից պատրիարքարան տեղեկութիւն չունէր, եւ պատուիրակն ալ զայն իբրեւ չեղեալ նկատեր էր. զի երկանուն ցանկէն առաջ էր գրուած, թող որ ամէն գործողութենէ առաջ ինքնաբերաբար ընտրելիութենէ հրաժարիլը, սովորաբար իր անունը միտք ձգելու կերպ մը ճանչցուած է: Երէցեան կը յիշեցնէր եւս Երուսաղէմի միաբան եւ պաշտօնեայ ըլլալը, որ երբեք չէր արգիլեր ընդարձակագոյն պաշտօնի կոչուիլը, եւ Յարութիւն պատրիարք շնորհաւորողներուն առաջիններէն եղած էր: Կ՚ակնարկէր Կիլիկիոյ աթոռին յարաբերութեանց անորոշ ըլլալուն, որուն մասին Օրմանեան արդէն ըսած էր թէ այս կէտը յարմարագոյն էր կարգաւորել երբ աթոռին տիրանար: Երէցեան կը յիշէր նաեւ թէ անհիմն դարձուածներ տեղի ունեցած ըլլան ընտրողական ժողովի գործողութեանց մէջ, որպիսի ինչ ոչ խօսուած էր եւ ոչ գրուած: Հաստատութիւնը ոչ վարչական այլ երեսփոխանական ժողովէն կը սպասէր, չյիշելով որ նոյն իսկ Ալէաթճեանի հաստատութիւնը եւ այս ընտրութեան նախընթաց գործերը վարչութեամբ կատարուած էին: Իբրեւ փաստ կ՚ուզէր գործածել անգամ մը Օրմանեանի իր համակերպելու պարտաւորութեան մասին խստիւ խօսած ըլլալը (01. ԲԻԶ. 1590), ինչ ո'չ միայն աննշանակ պարագայ մըն էր, այլեւ Օրմանեան` իբրեւ ազգային շահուց պաշտօնեայ` ստիպելը իրեն պաշտօնական պարտաւորութիւն կը ճանչնար: Երէցեան կը յայտարարէր եւս թէ իրեն ծանր եկած է իր հրաժարման մասին այլ ընդ այլոյ զրոյցներ խօսուիլը, որուն դարմանը սակայն հրաժարականին վրայ չպնդելն էր, եւ ոչ թէ պնդելով զրոյցները զօրացնել: Իբրեւ արդարացում կը յիշեցնէր Բարթողիմէոս Կապուտիկեանի, Պօղոս Թաքթաքեանի եւ Ներսէս Վարժապետեանի Էջմիածնի ընտրութենէն եւ Մելքիսեդեկ Մուրատեանի Կիլիկիոյ ընտրելիութենէն հրաժարիլը: Սակայն Կապուտիկեան հակառակութեան առջեւ տեղի տալով քաշուած էր 2226), Թաքթաքեան ընտրուած չէր որ հրաժարէր: Վարժապետեան մահացու հիւանդութեամբ կը տառապէր, իսկ Մուրատեան կրցեր էր կանուխէն ընտրողները համոզել, ինչ որ ինքն ալ կրնար ըրած ըլլալ եթէ իր ընտրութենէն իսկապէս հրաժարիլ կ՚ուզէր. մինչ իր անունը իր բարեկամներէն թելադրուած էր եւ իր գիրը իր բարեկամին յղուած մտերմական յայտարարութիւն մըն էր: Մանաւանդ ընտրութիւնը լսելէն ետքը փոխանակ իսկոյն միտքը յայտնելու, եթէ կանուխէն հաստատուած էր, երկու շաբաթ պատուոյ ցոյցերը հաճութեամբ ընդունած էր եւ պատրաստութեան պարագաներն ու պայմանները ուսումնասիրած: Զանց կ՚ընենք անկարողութեան եւ դժուարութեանց պատճառանքները, որոնք իբրեւ քաղաքավարական արտայայտութիւն կը կրկնուին ամէն ընտրեալներէ եւ անուանեալներէ: Վարչութիւնը յունուար 25-ին հրաժարականի գործով զբաղեցաւ, իր անդամակիցներուն բանիւ եւ գրով ըրած դիմումները լսեց, եւ Երէցեանի վերջնապէս պնդելուն վրայ համոզում գոյացուց, սակայն դարձեալ իր որոշումը յետաձգեց (02. ԲԻԶ. 1623), եւ հուսկ յետոյ ժամավաճառութեան վերջ տալու համար փետրուար 1-ի նիստին մէջ, երկամսեայ աշխատութիւնը բաւական սեպելով, որոշեց պնդումները դադրեցնել եւ նոր ընտրութեամբ զբաղիլ (02. ԲԻԶ. 1630): Իսկ Երէցեան, Օրմանեանի եւ իր նամակներուն պատճէնները ներփակելով, Խրիմեանէ ստացած յունուար 10-ի նամակին կը պատասխանէ յունուար 29-ին` աւելի ընտրողական ժողովոյ գործին վրայ ծանրանալով ( ՆՄԿ. ), եւ Օրմանեանի ստիպումը մեղադրելով, որոնց առաջինը լոկ երեւակայական էր, եւ երկրորդը պաշտօնական գործ էր: Հարկաւ նոյն եղած էր Խրիմեանի ալ տպաւորութիւնը, որ Երէցեանի նամակին պատասխանել իսկ չուզեց: Երէցեանի հրաժարականին վրայ կազմուած ընդհանուր կարծիքը այն տեսութեան յանգեցաւ, թէ նա թէպէտ սկիզբէն փառքի տեսակէտէն շլացաւ, բայց վերջէն իր վրայ աւելի ազդեցին քաղքենի կենաց եւ ընտանեկան յարաբերութեանց տեսակէտները, որոնց շատ մօտ էր իր կենցաղը, մանաւանդ որ շատ մօտ կը տեսնէր Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան հասնիլը, ուսկից անշուշտ օր մը չէ օր մը, այն ալ ոչ հեռաւոր ապագայի մէջ, Օրմանեան պիտի ստիպուէր քաշուիլ: Այդ մեկնութեանց առիթ տուած են իր բերնէն սպրդած ինչ ինչ բացատրութիւններ եւ Օրմանեանի վրայ խօսած մեղադրանքը, թէ կ՚ուզէ զինքն հեռացնել հզօր մրցակիցէ մը ազատելու համար: Սակայն իր հրաժարականը ոչ բախտ եւ ոչ յաջողութիւն եղան իրեն համար, անձնադիւրութեան զակատեալ ըլլալու գաղափարը հաստատել տուաւ իր վրան, իր պիտակ պատճառաբանութիւնները խստիւ քննադատուեցան, եւ այն օրէն սկսաւ վայելած յարգն ու վարկն ալ նուազել, եւ անձնական պատիւն ալ մթագնելու երես բռնեց:

3020. ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

Թէպէտ ժամանակակից ուրիշ կարեւոր եղելութիւններ ունինք պատմելու, սակայն յարմարագոյն կը սեպենք նախապէս Կիլիկիոյ ընտրութեան պատմութիւնը աւարտել. զի գործողութեանց ընթացքն ու նշանակութիւնը աւելի լաւ կը լուսաբանուին իրենց ամբողջութեան մէջ: Խապայեան պատուիրակ հազիւ թէ ընտրողական գործողութիւնը աւարտեց 1901 նոյեմբեր 29-ին եւ տեղեկագիրը ճամբայ հանեց, իսկոյն Երուսաղէմ դառնալու ձեռնարկեց, ուր կը կոչէին զինքն ոչ միայն ուխտաւորական եւ տօնական օրերը, այլեւ Յարութիւն պատրիարքի տկարանալուն լուրերը, ուստի շուտով մեկնեցաւ դեկտեմբեր 4-ին (01. ԲԻԶ. 1580): Կիլիկեցիք իրենց աթոռին գործը լրացուցած ըլլալու գոհունակութեամբ անոր պաշտօնական գործադրութեանը կ՚ակնկալէին, եւ երբ Երէցեանի հրաժարականը լսեցին յուսադրութեամբ կը սպասէին պատրիարքարանի պնդումներուն յաջողելուն, եւ երբ 1902 փետրուար 1-էն ետքը այս կողմէ ալ յուսախաբ մնացին, նոր քայլ մը չառին, միշտ Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանէն չբաժնուելու անկեղծ մտադրութեամբ, զոր անդստին Քէֆսիզեանի ժամանակէն այնչափ հաստատամտութեամբ յայտնած էին, համոզուած ըլլալով թէ Կիլիկիա ինքնիրեն չէր կրնար ունենալ այն ոյժը, զոր կրնայ իրեն ընձեռել ազգային կեդրոնին հետ միաւորութիւնը: Այդ մասին հարկ կը սեպենք յատկապէս յիշատակել Ատանացիները, որոնք իսկապէս Կիլիկիոյ մայրաքաղաքացիները կը համարուին, եւ բոլոր Կիլիկեցւոց առաջնորդելու առաւելութիւնը կը վայելեն: Իսկ պատրիարքարանը հակադրուեցաւ ընտրութեան ապարդիւն ելքը պաշտօնապէս կառավարութեան հաղորդել, եւ նոր ընտրութեան համար պէտք եղած թոյլտուութիւնը խնդրել: Միւս կողմէն նոր պատուիրակի մը ընտրութեան հետեւեցաւ, զի հնար չէր այլեւս Խապայեան եպիսկոպոսը գործի հրաւիրել, եւ այդ պաշտօնին յարմարագոյն դատեց Ճանիկի առաջնորդ Փափազեան Յակոբ-Աշոտ եպիսկոպոսը եւ պաշտօնապէս որոշեց փետրուար 12-ին (02. ԲԻԶ. 1641): Թէպէտ ընտրեալը հաճեցաւ, սակայն Ճանիկի վարչութեան ցուցած դժկամակութեան եւ վիճակային գործերու ստիպողականութեան վրայ, մայիս 15-ին որոշուեցաւ ուրիշ մը ընտրել (02. ԲԻԶ. 1712), եւ 22-ին ընտրուեցաւ Պիլէճիկի առաջնորդ Կէօմրիւքճեան Մովսէս եպիսկոպոսը, եւ իր հաւանութիւնն ալ ստացուեցաւ 31-ին յատուկ յիշատակագիրով կառավարութենէն խնդրուեցան պաշտօնական գիրերը (02. ԲԻԶ. 1718, 1726): Նոյն միջոցին թէպէտ իբր գործը փութացնելու միջոց Կիլիկիոյ տեղապահին բերնով խնդրուեցաւ Երէցեանէ միայն 5 քուէ պակաս ստացող Խապայեանը կաթողիկոսութեան կոչելու, սակայն ոչ մի կանոնական պայման չէր կրնար արդարացնել այդ տեսակ անուանում մը (02. ԲԻԶ. 1642): Բայց յայտնի տեսնուեցաւ թէ Կիլիկեցւոց միտքը այլեւս Խապայեան անձին վրայ հաստատուած է. հարկաւ զղջացած ալ էին առաջին ընտրութեան մէջ ոմանց թելադրութեամբ իրենց նախնական միտքէն շեղած ըլլալնուն վրայ, զոր յայտնած էին վեցանուն ցանկին գլուխը գրեթէ միաձայնութեամբ Խապայեանի անունը դնելով: Պաշտօնական ձեւակերպութիւնները եւ Կէօմրիւքճեանի ուղեւորութեան պատրաստութիւնները ամիսէ աւելի տեւեցին, եւ վերջապէս պատուիրակը յուլիս 10-ին վարչութեան ներկայանալով եւ պաշտօնական գիրերը ու անպաշտօն հրահանգները ստանալով անմիջապէս մեկնեցաւ (02. ԲԻԶ. 1760), եւ Ատանա հասնելով գործի ձեռնարկեց: Բէքմէզճեան տեղապահ դարձեալ իբր գործը դիւրացնելու միջոց, պատրիարքարանէ կը խնդրէր ընտրելեաց ցուցակը, որուն պատրիարքը ուրիշ պատասխան չէր կրնար տալ, բայց եթէ ընտրելիները ընտրող ժողովէն պէտք է որոշուի (02. ԲԻԶ. 1805), թէպէտ գաղտնիք չէր կեդրոնին միտքն ալ Խապայեանի վրայ հաստատուած ըլլալը: Պատուիրակը սեպտեմբեր 5-ին կը ծանուցանէր ընտրողական ժողովին կազմութիւնը 20 եկեղեցական եւ 42 աշխարհական բովանդակ 62 անդամներով որոշուած, եւ պատգամաւորներուն ընտրուած ըլլալը, եւ ընտրողներուն սեպտեմբեր 29-ին նիստի հրաւիրուիլը (02. ԲԻԶ. 1809): Որոշուած օրը Վարագայ Խաչին Կիրակիին, ժողովը կը բացուէր նախընթաց ընտրութեան ձեւակերպութիւններով, լոկ բացման աղօթքը ծերունի տեղապահին, իսկ բոլոր գործողութիւնները պատուիրակին վերապահելով: Կուսակալը գումարման սկիզբը ներկայանալով եւ պաշտօնական բացումը հռչակելով կը մեկնէր, եւ կուսակալութեան ընդհանուր քարտուղարը իբրեւ կառավարական հսկող կը մնար: Այն օր ներկաները 45 էին, իսկ կրկին պատգամաւորութեան իրաւունք ունեցողներն ալ համրելով 57 քուէ, ամբողջականէ միայն 5 քուէ պակաս: Նախապէս 14 յարմարագոյններու ցուցակ մը կազմուեցաւ, եւ անոր վրայ վեցանուն ցանկը քուէարկուեցաւ (02. ԲԻԶ. 1837), որուն մտան Տրդատ Պալեան 44, Ստեփանոս Յովակիմեան 42, Բարթողիմէոս Չամիչեան 40, Ներսէս Ասլանեան 39, Սահակ Խապայեան 37, եւ Մովսէս Կէօմրիւքճեան 34 քուէով. եւ ցանկը նոյն օրին հաղորդուեցաւ պատրիարքարան նախարարութեան ներկայացուելու համար (02. ԲԻԶ. 1830): Այս անգամ ալ քուէարկութեան ելքը ակնկալութեան հակառակը կը հանդիպէր, եւ Կիլիկեցիներին միտքը կը շփոթէր Խապայեանի հինգերորդ տեղը գրաւելուն վրայ, կասկածելով որ մի' գուցէ ցաւելով հրաժարիլ մտադրէ, ուստի կը սկսին յարմար միջնորդներով համակրութիւննին յայտնել եւ հրաժարելու վտանգը հեռացնել (02. ԲԻԶ. 1838): Զարմանալի է այդ ժողովներուն մէջ քուէարկութեան արդիւնքին` քուէարկուաց միտումին հակառակ ըլլալը, որ կը ցուցնէ ժողովական ձեւակերպութեանց հմուտ եւ ճարտար չըլլալնին: Հարկաւ առաջին անգամ կառավարութենէ զեղչուածներ, Օրմանեան, Յովհաննէսեան, Մանկունի, Դիմաքսեան եւ հրաժարեալ Երէցեան, այս անգամ ընտրելեաց ցանկին պիտի չմտնէին, բայց զարմանալի էր բոլորովին չխօսուածներուն առաւելագոյն քուէ ստանալը: Կեդրոնի վարչութիւնը հոկտեմբեր 1-ի նիստին մէջ ընտրելեաց ցանկը հաստատեց եւ որոշեց կառավարութեան ներկայել (02. ԲԻԶ. 1831), որ այս անգամ աւելի շուտափոյթ գտնուեցաւ, եւ շաբաթէ մը, հոկտեմբեր 9-ին, ցանկը դարձուց, ուսկից զեղչուած էին Յովակիմեանի, Ասլանեանի եւ Պալեանի անունները, եւ կը մնային միայն Չամիչեան, Խապայեան եւ Կէօմրիւքճեան: Պաշտօնագիրը հոկտեմբեր 10-ին վարչական ժողովին ներկայացուելով` հեռագրուեցաւ Ատանա (02. ԲԻԶ. 1839): Բայց Չամիչեան իսկոյն պատրիարքին ծանոյց իր վերջնականապէս ընտրելիութենէ հրաժարիլը, եւ պատրիարքն ալ փութաց նոյնհետայն հաղորդել պատուիրակին եւ տեղապահին (02. ԲԻԶ. 1840), եւ ընտրողական ժողովը հոկտեմբեր 12-ին Թարգմանչաց տօնին շաբաթ օրը, քուէարկութեան նստած պահուն, նորէն երկանուն ցանկ ունէր իր դիմաց, որոնց մէկը միշտ պատուիրակը: Կէօմրիւքճեան, որ հարկաւ ընտրողաց միտումը տեսած եւ իմացած էր, յատենի ժողովոյ յանձնարարեց իրեն համար բաւարար պատիւ համարել պատուիրակութեան պաշտօնը, Կիլիկեցւոց յարգանքը, եւ Կիլիկիոյ աթոռին պարապութեան վերջ տալու բախտաւորութիւնը, եւ ընտրողները հրաւիրեց իր անունը մէկ կողմ թողուլ եւ միաձայնութեամբ կաթողիկոս հռչակել Խապայեան Սահակ եպիսկոպոսը, որուն արժանաւորութիւնը բարձրացուց: Այս անգամ ժողովին ամբողջական 62 քուէից կազմը պատրաստ էր 45 անձանց ներկայութեամբ, որոնց ստուար մեծամասնութիւնը ատանացիներ կը կազմէին (02. ԲԻԶ. 1829): Զի վիճակներ դիւրագոյն եւ յարմարագոյն կը գտնէին Ատանայի մէջէն առնել իրենց պատգամաւորները: Ընտրութեան արդիւնքն եղաւ որ Խապայեան 62 քուէներու միաձայնութեամբ կաթողիկոս հռչակուեցաւ ի մեծ խնդութիւն եւ մխիթարութիւն բոլոր Կիլիկեցիներու, ըսենք նաեւ բոլոր Հայերու. զի բովանդակ հայութեան սեւեռեալ մտահոգութիւնը դարձած էր Կիլիկիոյ աթոռին խնդիրը եւ Կիլիկիոյ իսկական միտքը կը բացատրուէր առաջին ընտրելեաց ցանկին եւ վերջին ընտրութեան համաձայնութեամբը, եւ դժուար կ՚ըլլայ մեզ գոհացուցիչ մեկնութիւն մը տալ առաջին ընտրութեան եւ երկրորդ ցանկին տարբերութեան վրայ, որոնք ընտրութիւնը յապաղելու առիթ ընծայեցին: Ցանկերու կազմութեան մէջ դիտելու արժանի էր նաեւ որ Կիլիկեցիք եւ ոչ մի անգամ իրենց աթոռին եպիսկոպոսներէն մէկը ընտրելեաց շարքին մէջ նշանակեցին:

3021. ՍԱՀԱԿ ԽԱՊԱՅԵԱՆ

Սահակ եպիսկոպոս Խապայեան մեր ընթերցողներուն անծանօթ անձնաւորութիւն մը չէ. անոր գործունէութեան բոլոր մասերը առիթ ունեցեր ենք իրենց կարգին յիշել, չագահելով մեր գնահատումը լաւ կողմերուն, եւ չխնայելով մեր դիտողութիւնները` հարկ տեսնուած պարագաներուն մասին: Սահակ, աւազանի անունով Գաբրիէլ, ծնած էր 1849 մարտ 25-ին Խարբերդի վիճակին Եղեգիս գիւղը, որով 53ուկէս տարեկան կ՚ըլլար կաթողիկոս ընտրուած ատեն գործունէութեան եւ արդիւնաւորութեան կատարեալ հասակի տէր: Կանուխէն աշակերտած Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանին աւելի ուշիմ ուսանողներէն մին հանդիսացաւ, եւ երբ Գարեգին Մուրատեանի տեսչութեան ատեն ուզուեցաւ աւելի զարկ տալ վարժարանին զարգացման եւ միաբանութեան բարձրացման, Գաբրիէլ երեք ընտրեալներէն մին եղաւ, որոնք 1869-ին սարկաւագութեան աստիճանով Կ. Պոլիս յղուեցան ուսումնական կատարելագործման համար: Երկամեայ պարապմունքէ ետքը երեքը միասին Խապայեան Գաբրիէլ ու Յակոբեան Մելքոն ու Մաքսուտեան Մաքսուտ 1871-ին Երուսաղէմ դարձան, եւ իբրեւ զարգացեալ ու կատարելագործեալ, իմաստագոյն ու կարողագոյն անձեր բոլոր գործերու տիրացան, եւ տակաւին սարկաւագ` վանական բարձրագոյն դիրքերը գրաւեցին եւ Անոյշեան Գաբրիէլ վարդապետի եւ Երէցեան Գէորգ սարկաւագի հետ միանալով, հինգերու վարչական տիրապետութիւնը կազմեցին, Եսայի պատրիարք խնդամիտ հովանաւորութեան եւ հիներու յօժարակամ համակերպութեան ներքեւ, մանաւանդ 1877-ին Սահակ եւ Վահան եւ Ղեւոնդ անուններով վարդապետութեան աստիճանի բարձրանալէն ետքը 2868): Հինգերուն յաջողութիւնը անհակառակ տեւեց մինչեւ 1881, երբ Յակոբեան բաժնուեցաւ, ինչպէս պատմած ենք 2873), եւ չորսերը շարունակեցին իրենց դիրքը, մինչեւ որ Անոյշեան ալ զատուեցաւ, եւ այնուհետեւ երեքներու, Խապայեանի ու Մաքսուտեանի ու Երէցեանի միութիւնը կազմեց սաղիմական գործունէութեան առանցքը եւ վարչական ուղղութեան տիրապետութիւնը (03. ԲԻԶ. 1929, 1940): Այդ միութեան մէջ տարբեր էր իւրաքանչիւրին վարած դերը. զի երբ Մաքսուտեան բոլորանուէր գրաւուած էր ելեւմտական եւ դրամական գործողութիւններով, եւ Երէցեանի սիրելագոյն էին արտաքնայարդար եւ յարաբերական մասերը, Խապայեան իր գոհունակութիւնը կը գտնէր գրական աշխատութեան եւ վանական կացութեան մէջ. եւ թէպէտ երեքներուն երիցագոյնն էր, սակայն աւելի միւսներուն հետեւողն էր եւ ոչ թէ միութեան առաջնորդը: Արտաքին գործեր, վարչական յարաբերութիւններ, ելեւմտական զբաղումներ երբեք չէին զինքն հետաքրքրած. ընկերներ ալ գոհ էին անոր այդ զգացումներէն եւ աննախանձ անոր կը թողուին ուսումնապետութեան եւ եպիսկոպոսութեան պաշտօնները եւ աստիճանները 2909), բաւական էր որ անոր համաձայնութիւնն եւ օժանդակութիւնը վայելէին իրենց սիրելագոյն ճիւղերուն մէջ, զորս Խապայեան անհակառակ կ՚առատաձեռնէր, եթէ ոչ ուղղակի գործակցութեամբ, գոնէ բարոյական պաշտպանութեամբ: Ահա թէ ի'նչպէս կը բացատրուի որ երբ Մաքսուտեան կը մեղադրուէր իր ելեւմտական գործունէութեան մէջ (03. ԲԻԶ. 1940), եւ Երէցեան կը զրուցուէր իր կենցաղին եւ յարաբերութեանց համար, Խապայեան չէր մեղադրուեր եւ անբասիր կը մնար հանրութեան աչքին առջեւ, չնայելով որ քաջալերիչ էր երկուքին ալ ընթացքին, առանց մասնակցելու անոնց շահուն եւ վայելքին: Խապայեանի վերջնական բարձրացման համաձայնութեամբ նպաստեցին պատրիարքին ջանքը, վարչութեան ընթացքը եւ Կիլիկեցւոց համակրանքը, որոնք թէպէտ տարբեր տեսակէտներով առաջնորդուած, սակայն համամիտ կերպով յաջողցուցին Խապայեանի կաթողիկոսութիւնը: Պատրիարքը հաստատուն կերպով համոզուած էր Կիլիկիոյ աթոռին դատարկութիւնը վերջացնելու, իսկ իր շուրջը գտնուող յառաջադէմ եպիսկոպոսներէն ոմանք պետութենէ կասկածելի ըմբռնուած, ոմանց ընթացքը իրեն անընդունելի, եւ ոմանց անգործ թուլութիւնը յայտնապէս անյաղթելի կը տեսնէր, Քէֆսիզեանի անջատական դիտումներու վտանգն ալ իսպառ հեռացնել ուզելով, Խապայեանէ աւելի ընտրելագոյն ընտրելի չէր գտնար եւ անոր վրայ սեւեռած էր իր ուշադրութիւնը: Վարչութիւնն ալ սկզբունքով համեստ, կեանքով պարկեշտ, ուղղութեամբ զգաստ, եւ յարաբերութեամբ դիւրամերձ ընտրելի մը փնտռելով, Խապայեանէ նախադասելի ուրիշ մը չէր գտներ: Իսկ Կիլիկեցիք Քէֆսիզեանի թողած եպիսկոպոսներուն ընթացքէն գայթակղած, անհամեմատ բարձրութիւն մը կը տեսնէին Խապայեան պատուիրակին վրայ եւ մտադիւր գրաւուած էին անոր մասին: Կառավարութեան կողմէն ալ անոր անունին բնաւ կասկածներ եղած չըլլալը եւ Ատանայի կուսակալին հետ համեղ յարաբերութիւնները Խապայեանի արժանաւորութեան եւ ընդունելութեան լրումը կազմեցին: Ահա տարբեր մտայնութեանց վերլուծումը եւ Կիլիկիոյ նորընտիր կաթողիկոսին մասին տիրող համոզմանց ամփոփումը, ինչպէս որ կը ներկայանար ընտրութեան վայրկեանին այլ թէ ակնկալութիւն եւ իրականութիւն ո'րչափ եւ ի'նչպէս համեմատեցան իրարու, առաջիկային կը թողունք պրպտել: Առ այժմ բաւական ըլլայ աւելցնել, որ նոյն իսկ Երուսաղէմի աթոռին եւ միաբանութեան կողմանէ ալ գոհունակութեամբ նկատուեցաւ Խապայեանի կաթողիկոսութիւնը, իբր զի անոր տկար կողմերուն ներքին գիտակցութիւնը հաճելի կը դարձնէր Երուսաղէմէ բաժնուիլը եւ հեռանալը, ու նոյն իսկ ներքնապէս համակիր եղողներն ալ ցաւ չյայտնեցին Երուսաղէմէ հեռանալուն վրայ:

3022. ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՕԾՈՒՄ

Հոկտեմբեր 12-ի ընտրութիւնը նոյն երեկոյին լսուեցաւ Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանը, եւ շնորհաւորական հեռագիրով մը ուզուեցաւ ընտրելոյն հաւանութիւնն իմանալ, որ հազիւ հոկտեմբեր 20-ին հասաւ (02. ԲԻԶ. 1848), հեռագրական թելերու խանգարման պատճառով, եւ 23-ին պաշտօնական տեղեկագիրն ալ հասաւ, բոլոր ընտրողաց հանրագրական ուղերձով մը ի դէմս պատրիարքին, կառավարութեան եւ կուսակալին եւ պատրիարքարանին բարեացակամ աշխատութեանց համար (02. ԲԻԶ. 1850): Վարչութիւնը գործողութիւնները կանոնաւոր գտնելով հաստատեց հոկտեմբեր 25-ին, եւ կառավարութեան ներկայացուց (02. ԲԻԶ. 1852), նախարարութիւնն ալ 27-ին ընտրութիւնը վաւերացուց եւ հրովարտակի շնորհման համար կայսեր ներկայացուց (02. ԲԻԶ. 1855): Կատարուած ընտրութիւնը համակամ հաճութեամբ կ՚ողջունուէր ամէն կողմերէ, որուն մեծ արտայայտութիւնն էր ընտրելոյն ստացած շնորհաւորական եւ խնդակցական հեռագիրներուն 108 թիւը (02. ԲԻԶ. 1870): Կայսերական վերջնական հաստատութեան լուրը կ՚առնուէր դեկտեմբեր 9-ին (02. ԲԻԶ. 1890), իսկ հրովարտակը պատրիարքարան կը յանձնուէր 16-ին (02. ԲԻԶ. 1897), որուն մէջ յայտնի կերպով շեշտուած էր հնաւանդ ձեւը, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան մէջ պարունակուած ըլլալը (02. ԲԻԶ. 1898), եւ միանգամ ընդմիշտ հերքուած կ՚ըլլար Կիլիկիոյ համար անջատ եւ ազատ պատրիարքարան մը ստեղծելու Քէֆսիզեանի յղացած տարադէպ նպատակը, եւ հեռացած կ՚ըլլար Տաճկահայ ազգութիւնը պառակտելու վտանգը: Պատրիարքարանը թէպէտ ամէն եղելութիւնները օրը օրին թէ' Ատանա եւ թէ' Երուսաղէմ կը հեռագրէր, սակայն դարձեալ թելերու խանգարման պատճառով միայն դեկտեմբեր 17-ին կ՚իմանար Ատանա` դեկտեմբեր 9-ին կայսերական հաւանութեան աւետիսը (03. ԲԻԶ. 1911), եւ Կիլիկեցւոց մխիթարութիւնն ու ուրախութիւնը կը լրանար յունուար 4-ին պատրիարքարանի միջնորդութեամբ նորընտիրին շնորհուած առաջին աստիճանի մէջիտիէ շքանշանով (03. ԲԻԶ. 1915): Այս առթիւ շքանշաններ ստացուած էին ընտրութեան աշխատող եւ ընտրողներու գլխաւոր զանազան անձերու (03. ԲԻԶ. 1919): Միանգամայն կը սկսէին ընդունելութեան պատրաստութիւնները եւ նոր գործունէութեան ծրագիրները: Իսկ Խապայեան իրեն հանդէպ ցուցուած համակիր արտայայտութեանց կը պատասխանէր գոհունակութեամբ եւ շնորհակալութեամբ եւ պատրաստականութեամբ, սակայն իր դիրքը չէր այլայլեր եւ լուսարարապետութեան պաշտօնավարութիւնն ալ չէր լքաներ, միշտ օգնական ունենալով Յովհաննէսեան Եղիա վարդապետը, որ զինքն փոխանակած էր իր բացակայութեան միջոցներուն: Յարութիւն պատրիարք Երուսաղէմի միաբանական ժողովը կը գումարէր 1903 յունուար 20-ին լուսարարապետի ընտրութեան համար, ուր նախապէս Խապայեան ընդարձակ յայտարարութեամբ իր հրաժարականն ու հրաժեշտը կը ներկայէր: Այս գրաւոր ատենաբանութեան մէջ շնորհակալութիւն կը յայտնէր Գլխադիրին, պատրիարքին, միաբանութեան եւ ժողովին, կը քաղէր իր առաջին կեանքը, առանց մոռնալու Վահան վարդապետ Յակոբեանի քմահաճ եւ ինքնահաւան կամայականութիւնը, եւ Ղեւոնդ վարդապետ Մաքսուտեանի պաշտօնավարութեան բարերար նախախնամութիւն մը եղած ըլլալը: Կը խօսէր իր լուսարարապետութեան պաշտօնին վրայ, որ տեւած էր պակաս տասն օրով տասն եւ եօթն տարի, յատկապէս յիշելով գանձատան նորոգութիւնը եւ հերքելով գանձարանէ ադամանդ եւ մարգարիտ եւ պահեստի գումարներ վերացած ըլլալու ամբաստանութիւնը, եւ յանձնարարելով գանձատան պարունակութիւնը մանրամասն տոմարի առնել, զոր ինքն չէր յաջողած կազմել (03. ՄԻԱ. 519-524): Ատենաբանութեան վերջը ժողովը շնորհակալութիւն կը քուէարկէր (03. ՄԻԱ. 525), եւ անկէ ետքը ատենապետի առաջարկութեամբ քուէարկութիւն կը կատարուէր, եւ 45 ներկայ ու 4 գրաւոր, բովանդակ 49 քուէարկուներէն 28-ին քուէով լուսարարապետ կ՚ընտրուէր Գաբրիէլ Անոյշեան վարդապետը, որ Պաղտատ կը գտնուէր առաջնորդական պաշտօնով. իսկ մնացորդ քուէներէն 16-ը տրուած էր Գրիգորիս վարդապետ Պօյաճեանի եւ 5-ը ցրուած (03. ՄԻԱ. 526): Այդ ընտրութիւնը մեծ նշանակութիւն ունէր իբրեւ կացութեան տիրապետող կողմին այլայլում եւ խանգարում բերող. զի Անոյշեան յայտնի քննադատող եւ հակառակող մը եղած էր եռեակին ընթացքին, եւ իր ընտրութիւնը սկզբնաւորութիւնն էր այն մեծ պայքարին, որ այնչափ զբաղեցուց երկու աթոռները եւ բոլոր հայութիւնը, եւ տակնուվրայ ըրաւ նաեւ Խապայեանի միտքին տրամադրութիւնները: Երուսաղէմի խնդիրին վրայ առանձինն խօսելու ըլլալով, այստեղ զանց կ՚ընենք այդ եղելութիւններուն մանրամասնութեանց մտնել: Խապայեան այլեւս չուզեց Երուսաղէմի մէջ երկար մնալ եւ ուղեւորութեան պատրաստութեանց ձեռնարկեց: Կեդրոնէն հրաւիրակ նշանակուած էր վաճառական դասակարգէն Յարութիւն Գարամանեան, որ յունուար 29-ին Կ. Պոլիսէ մեկնեցաւ (03. ԲԻԶ. 1933) միասին առնելով հրովարտակն ու շքանշանը: Փետրուար 14-ին Վարդանանց տօնին յաջորդ ուրբաթ օրը եւ Տեառնընդառաջի տօնին, Խապայեան հրաժեշտի պատարագը մատոյց հայրապետական հանդէսով որ դարձեալ դառնացաւ փետրուար 15-ի եւ 16-ի միջադէպներով. վերջապէս փետրուար 17-ին եկեղեցական պատուիրակ Կէօմրիւքճեան եպիսկոպոսն ալ Երուսաղէմ հասաւ Գարամանեանի ետեւէն եւ Կիլիկիոյ աթոռին ժողովներուն հրաւիրակներով մէկտեղ (03- ԲԻԶ. 1949), եւ փետրուար 26-ին նորընտիրը բոլոր հրաւիրակներով եւ միաբանութեան ներկայացուցիչ եւ իր օծակից Մամբրէ Մարկոսեան եպիսկոպոսի հետ Երուսաղէմէ մեկնեցաւ: Իրեն հետ կը տանէր Երուսաղէմի միաբաններէն Վաղարշակ Պօղոսեան վարդապետը, եւ Մանուկ Մխիթարեան սարկաւագը: Յոպպէի մէջ պարտուպատշաճ կերպով պատուասիրուեցաւ տեսուչ Մատթէոս Գայզճեան վարդապետէ, եւ միւս օր փետրուար 27-ին նաւելով, մարտ 3-ին հասաւ Մերսին (03. ԲԻԶ. 1961), մարտ 5-ին Ատանա (03. ԲԻԶ. 1965), եւ մարտ 10-ին Սիս (03. ԲԻԶ. 1974): Դիտող եղած է թէ Խապայեան միաբանութեան կողմէ անշուք կերպով յուղարկուած ըլլայ (03. ԲԻԶ. 1976), սակայն շատ փառաւոր նկարագրութիւն մը տուած է լրագիրը (03. ԲԻԶ. 1967), եւ Յարութիւն պատրիարքի կողմէ փառաւոր պանակէ մը ընծայ կը յիշուի (03. ԲԻԶ. 1930): Աւելորդ կ՚ըլլայ Մերսինի եւ Ատանայի եւ Սիսի ընդունելութեանց մասին մանրամասնութիւններ տալ, զի Կիլիկեցիք իրենց ձեռքէն եկածին չափ եւ եկածէն աւելին շռայլեցին այդ առիթներուն, եւ նիւթական հանդերձանքէն զատ մե'ծ էր ներքին խանդավառութիւնը: Քէֆսիզեանի օրով ընկճուած ու Քէֆսիզեանէ ետքը տառապած ժողովուրդը նոր զարթնում եւ նորոգութիւն կը զգար ազգովին ընտրուած, կեդրոնէ համակրուած, կառավարութենէն փառաւորուած եւ հասարակութենէն փայփայուած կաթողիկոսին ներկայութեամբը. ժողովուրդը մոռցած էր իր կացութիւնը, եւ բարօրութիւնն ու բարեկարգութիւնը իբրեւ արդէն իրականացած կը կարծէր: Ամէն տեղ շարժում, ամէն տեղ խնդութիւն, տագնապի ու տառապանքի մոռացում: Օծման հանդէսը յարմար սեպուեցաւ Զատիկէն ետքին յետաձգել, թէ' ժողովրդեան դիւրութեան եւ թէ' պատշաճ պատրաստութեանց համար, եւ տեղապահ ու պատուիրակ զոյգ ստորագրութեամբ եւ մարտ 19 թուականով շրջաբերական հրաւիրագիր ցրուեցին, ապրիլ 20-ին Կանաչ Կիրակիին օծման, եւ 27-ին Կարմիր Կիրակիին Միւռոնի օրհնութեան համար (03. ԲԻԶ. 1987), զի շատոնց սպառած էր Սիսի միւռոնը եւ Կ. Պոլիսէ կը յղուէր պէտք եղածը (03. ԲԻԶ. 1722): Օծման հանդէսը կատարուեցաւ ամենափառաւոր շքեղութեամբ, ուր տեղական ու շրջակայից բազմութենէն զատ 20. 000-ի կը հասնէին զանազան կողմերէ եկող ուխտաւորները, զոր Սիս քաղաք չէր կրնար պատարագել, եւ քաղցր եղանակին շնորհիւ վրանով կամ բացօթեայ` քաղաքէն դուրս` կ՚օթեւանէին: Այդ պատճառով հարկ եղաւ եկեղեցական արարողութիւնները վանքին բակին մէջ շարժական սեղանի վրայ կատարել: Հանդիսադիր եղաւ պատուիրակ Մովսէս եպիսկոպոս Կէօմրիւքճեան ընկերակցութեամբ տեղապահ Կիրակոս Բէքմէզճեան, Ֆռնուզի Նիկողայոս Դաւիթեան եւ Զէյթունի Կարապետ Քէչէճեան եպիսկոպոսաց, եւ մասնակցութեամբ 12 վարդապետաց եւ 45 քահանայից եւ բազմաթիւ դպրաց: Իբրեւ ուրախութեան լրումն նոյն օր կը հասնէր Թլան ագարակի ազատութեան աւետաւոր Օրմանեանի տուած հեռագիրը (03. ԲԻԶ. 2010): Միւռոնի օրհնութիւնն ալ միւս կիրակիին կը կատարուէր նմանօրինակ շքեղութեամբ (03. ԲԻԶ. 2016): Նկատողութեան արժանի պարագայ կը սեպենք աւելցնել թէ Կիլիկիոյ Սահակ նորընտիր կաթողիկոսը, այդ երկու նախընթաց հանդէսներուն առթիւ մատուցած պատարագներուն մէջ, իր հանգուցեալ նախորդներուն յիշատակութենէն ետքը Եւս առաւելով յիշատակեց Արարատեան Մայրաթոռոյ Մկրտիչ կաթողիկոսը: Սակայն Խրիմեան կանխած էր Տրդատ Պալեան եւ Հմայեակ Դիմաքսեան եպիսկոպոսներուն հետզհետէ հեռագրել, որ յանուն Մայրաթոռոյ օծման ներկայ գտնուին, սակայն առաջինը հիւանդութեան եւ երկրորդը ժամանակին սղութեան պատճառով չէին կրցած երթալ, եւ Խրիմեան ապրիլ 10-էն շնորհաւորական հեռագիր էր յղած (03. ԱՐՐ. 427, 428): Այստեղ կը փակենք Կիլիկիոյ պատկանող հատուածները, առաջիկային թողլով խօսիլ Խապայեանի գործունէութեան եւ ընթացքին վրայ:

3023. ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՄԱՀԵՐ

Պատմութեան մէջ ընդգրկուած ոճը կը պահանջէ ազգին հանրութիւնը եւ ազգային կացութիւնը շահագրգռող գլխաւոր եղելութիւնները պարագաներով եւ առնչութիւններով բացատրել, զանց ընելով մասնաւոր դիպուածներու յիշատակութիւնները, որոնք աւելի լրագրական կամ օրագրական ոճին կը վերաբերին: Սակայն այդ ոճէն օտար չենք կարծեր ազգային կեանքի մէջ նշանակութիւն ունեցող քանի մը անձերու մահերը յիշել: Ակնարկեցինք արդէն Ալէաթճեան Գրիգորիս եպիսկոպոսի մահուան, որ տեղի ունեցաւ 1899 օգոստոս 15-ին 3015): Ալէաթճեան իր ժիր գործունէութեամբ, աներկիւղ ձգտումներով եւ անկաշկանդ տեսութիւններով կանուխէն նշանաւոր դէմք մըն էր եղած: Ծննդեամբ մայրաքաղաքացի 1840 յուլիսին ծնած, գաւառական գործիչի կատարեալ տիպար էր եղած. Բարձր Հայք, Տուրուբերան, Աղձնիք եւ Վասպուրական էին իր գործունէութեան ասպարէզները, մինչեւ որ պետական պահանջմամբ ստիպուեցաւ մայրաքաղաքի մէջ փակուիլ: Աշըգեանի պատրիարքութեան ատեն իր համարձակ ընթացքը զինքն անհաճոյ ըրին պատրիարքին եւ կասկածելի կառավարութեան. իր գործակիցին` Իզմիրլեանի պատրիարքութիւնն ալ չբաւեց զինքն այդ կասկածէ մաքրել եւ կաթողիկոսական ընտրութիւնը արգելքի հանդիպեցաւ 2989), մինչեւ որ պատրիարքարանը ստիպուեցաւ պահանջելէ հրաժարիլ, որուն վրայ քանի մը ամիս միայն եւս ապրեցաւ 3015): Մահը անակնկալ եղաւ, բայց չենք կարծեր որ կաթողիկոսական ընտրութեան պարապի ելլալը զինքն յուզած ըլլայ, զի այդ մասին շատոնց ցուցած էր իր անտարբերութիւնը: Ձեռնադրութեան մը առթիւ ժողովրդական ցոյց մը զինքն այլայլած կ՚ըսուի, որ եթէ ներքնապէս չարդարանար, ժամանակով կը զուգընթանայ. զի հիւանդութիւնը անմիջապէս հետեւեցաւ, ուսկից չկրցաւ բուժուիլ եւ վախճանեցաւ տակաւին 59 տարեկան: Ալէաթճեան աղքատ մեռաւ եւ իր հիւանդութեան ժամանակ խնամքը պատրիարքի ջանքով եւ բարեսիրաց նպաստներով հոգացուեցան: Ալէաթճեանի մահուան հետեւեցաւ նախկին պատրիարք Խորէն Աշըգեանի մահը, որ վախճանեցաւ 1899 հոկտեմբեր 26-ին, Ներսէս Վարժապետեան պատրիարքի մահուան 15-րդ տարեդարձին օրը: Կանխահաս էր Աշըգեանի մահն ալ, որ 1842 նոյեմբեր 4-ին ծնած Նիկոմիդիոյ վիճակին Քէրէմէթ գիւղը, կը վախճանէր տակաւին 57 տարեկան: Ընդարձակօրէն խօսած ենք Աշըգեանի պատրիարքական գործունէութեան վրայօք, եւ ծանրացած ենք իր վրայ ըստ բաւականին 2950 եւ 2974). սակայն այն պատճառ չէ որ ուրաստ լինինք իր անձնական արժանիքը, բազմակողմանի հմտութիւնը, անբասիր կենցաղը, կրօնական նախանձայուզութիւնը եւ խստապահանջ բարոյականութիւնը: Եթէ վարչական գործունէութեան մէջ թերացաւ, այն հետեւանքն էր իր նախընթաց կեանքին մէջ պահպանողական ուղղութեան եւ վերացական տեսութեան շրջանակէն դուրս ելած չըլլալուն, եւ Օրմանեան ալ չզլացաւ անոր անձնական արժանիքը հռչակել հոկտեմբեր 28-ին Բերայի եկեղեցին խօսած ընդարձակ դամբանականին մէջ: Նշանաւոր կորուստ մը եղաւ քաղաքական ժողովոյ ատենապետ եւ արտաքին գործոց նախարարութեան խորհրդական Տատեան Յարութիւն փաշայի մահը` 1901 հոկտեմբեր 7-ին: Տատեան բարձր կրթութիւն առած էր Բարիզի մէջ, եւ հազիւ Կ. Պոլիս դարձած էր երբ պապական նուիրակ Ֆէրրիէրիի պատուոյն ճառ գովութեան խօսեցաւ 1848 ապրիլ 1-ին 2598): Տատեան շատ յաջող եւ շատ փառաւոր ընթացք ունեցաւ դիւանագիտական ասպարէզին մէջ, եւ մինչեւ արտաքին գործոց նախարարութեան խորհրդականի պաշտօնին եւ վէզիրութեան աստիճանին բարձրացաւ, եւ գրեթէ նախարարութեան վարիչը դարձաւ, ի բան ի գիր գերազանց կարողութեամբը, զոր Ապտիւլհամիտ կայսրն ալ բացարձակապէս գնահատած էր: Իսկ ազգային շրջանակին մէջ ալ գործունէութենէ հեռի չմնաց. անդրանիկ ուսումնական խորհրդոյ անդամներէն եղաւ 2638), երկար ատեններ ընդհանուր ժողովոյ ատենապետութիւնը վարեց. բայց իր գլխաւոր արգասիքն եղաւ Իզմիրլեան պատրիարքի դադարումէն եւ Չամիչեան տեղապահի պաշտօնավարութենէ ետքը, ազգային օրինական նոր վարչութիւն կազմելու աշխատութիւնն ու յաջողուածը եւ անոր ատենապետութիւնը ստանձնելը: Տատեանի մասին ինչ ինչ արկածախնդիր պարագաներ խօսուած են, որոնք մասամբ չափազանցուած եւ մասամբ կարեւորութենէ զուրկ կէտեր են, եւ ոչ մի կերպով կրնան ստուերած բերել անոր անհամեմատ կարողութեան եւ անկեղծ ազգասիրութեան: Տատեան Յարութիւն-Գարեգին շուրջ 75 տարեկան էր վախճանած ատեն, այլ մտաւորական կարողութիւններն եւ նկարագիրի բարձրութիւնը երբեք նուազած չէին: Մարմինը թաղուեցաւ Պէշիկթաշի եկեղեցւոյն եւ իր տան միջեւ գտնուած պարտէզին մէջ ինչպէս իր կենդանութեան խնդրած եւ արտօնուած էր կայսեր կողմանէ: Վարչութեան առաջին ատենապետին մահուանէ միայն քառասուն օր ետքը տեղի ունեցաւ երկրորդ ատենապետին Ասլանեան Ստեփան փաշայի մահը: Ութսունամեայ էր Ասլանեան վախճանած ատեն, այլ երիտասարդական թարմութիւն կը պահէր իր նիւթական եւ բարոյական եւ մտաւորական կեանքին մէջ: Նա կրնար իրաւամբ ազգային գործիչներու ոչ միայն երիցագոյնը այլեւ արդիւնաւորագոյնը սեպուիլ: Ասլանեան իր գործունէութեան մէջ ազատական ձգտումներու զոյգ կը պահէր չափաւոր ուղղութիւնը, վերացական սկզբունքներէ չէր հեռացեր գործնական տեսութիւնները, եւ ամէն դասակարգէ եւ ամէն կուսակցութենէ հաւասարապէս յարգուած էր. տարաձայնութիւնները համաձայնութեան բերելու ձիրքն ունէր: Համեստ դասակարգէ` ծեփարար Եղիայի զաւակ էր, պետական վարժարաններ յաճախող քրիստոնեայ աշակերտներուն անդրանիկը կը սեպուէր. բժշկութեան ճիւղին մէջ համբաւ կը վայելէր թէ' իբրեւ ուսուցիչ եւ վարիչ եւ թէ' իբր դարմանիչ. զինուորական դասակարգէն ըլլալով` մինչեւ զօրավարութեան աստիճանին հասած էր: Վերջին վայրկեանին Օրմանեանէ խնդրեց իր գործերը հոգալ եւ իր երկրորդ ամուսնոյն դստեր տէր կանգնիլ, եւ նա մտադիր ստանձնեց եւ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ պատշաճ շիրիմ մըն ալ կանգնելու հոգ տարաւ: Ասլանեանի ազգային գործունէութեան գլխաւոր մասերը պատմութեանս կարգին յիշած ենք արդէն: Վարչութեան երկու ատենապետներու մահուամբը` պաշտօնը ստանձնեց Տիգրան Եուսուֆեան, նա ալ ազգային գործոց հինաւուրց փորձառու մը, որ փոխանորդաբար սկսած էր վարել ատենապետութիւնը երկուքին հիւանդութեան օրերէն:

3024. ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Կիլիկիոյ ընտրութեան պատմութիւնը ամբողջացնելու համար ետ թողուցինք նոյն միջոցին վարչութեան եւ կառավարութեան յարաբերութեանց պարագաները պատմել: Ըսինք իր կարգին թէ 1899 ապրիլին վարչութիւնը սահմանադրական շրջան մը լրացուցած ըլլալով փորձեց նոր ընտրութեան անցնիլ, բայց ստիպուեցաւ լռել եւ շարունակել 3012), եւ նոր ընտրութեան խօսք չըրաւ մինչեւ որ 1901 ապրիլին երկրորդ երկամեայ շրջան մը եւս լրացուց, եւ անգամ մըն ալ կրկնեց նոր ընտրութեան պէտք լինելուն ազդարարութիւնը: Սակայն կառավարութեան կողմէ միեւնոյն պատասխանը կրկնուեցաւ, որ է ընտրութենէ առաջ վերաքննութիւնը լրացնել, եւ վարչութիւնը դարձեալ ստիպուեցաւ շարունակել, զի ոչ կրցաւ սահմանադրութեան փոփոխութիւններ յանձն առնուլ, եւ ոչ պատրիարքարանը առանց վարչութեան լքանել ( ՕՄԱ. 75): Քանի քանի անգամներ կրկնուեցան կառավարութեան կողմէ տրուած դիւրութեանց խոստումները, եւ խոստումներուն ալ առժամեայ եւ չափաւոր գործադրութիւնները, այնպէս որ թերեւս անյարիր նկատուին նորէն պատրիարքարանի կողմէն եղած պահանջները ու բողոքները: Ստուգիւ ալ իրականութիւնը ճշմարիտ ելեւէջ մըն էր դիւրութեանց եւ դժուարութեանց, մեղմութեանց եւ խստութեանց: Որչափ պատրիարք ու վարչութիւն առիթները հեռացնելով հանդարտ գործունէութեան արդիւնաւորման կը հետեւէին, այնչափ կուսակցական կեդրոններ եւ գործադիր գործիչներ միջադէպներ ստեղծել կը ջանային հանդարտութիւնը խանգարելու, մասնաւոր խլրտումներով աղէտներ ստեղծելու, եւ կառավարութիւնը խստացնելու, եւ իբրեւ հետեւանք եւրոպական միջամտութիւններ ակնկալելու, եւ հայկական խնդիրի լուծումը փութացնելու համար: Մինչեւ իսկ երեւակայական խլրտումներու եւ գաղափարական պատրաստութիւններու լուրեր կը հասցնէին կայսեր` անանուն տեղեկատուներու դերը վարելով, միշտ կայսրը գրգռելու, եւ գրգռելով իրենց ծրագիրը իրագործելու նպատակով: Այդ մասնաւոր եւ անբաւական փորձերու ասպարէզ ընտրած էին Սասունը, դրացի Մուշով եւ մերձակայ Վանով խառնուած: Այս նպատակով գրգռուած էին Կէլիէկուզանի եւ Զբաղանքի միջադէպները, եւ անոնցմէ առաջ կու գային յարաբերութեանց ելեւէջները: Գրգռութիւնները իրօք խստութիւններ կը նորոգէին, բայց ակնկալեալ միջամտութիւնը չէր յաջորդեր, եւ պատրիարք ու վարչութիւն կը ստիպուէին դիւրութեանց եւ մեղմութեանց վերանորոգուելուն համար դարձեալ ողոք ու բողոք գործածել: Խլրտումներ եւ զրոյցներ անգամ մըն ալ կացութիւնը ծանրացուցած էին 1902 մարտին մէջ, եւ ապրիլ 4-ին յատուկ եւ խիստ բողոքագիր մը մատոյց պատրիարքը, չնայելով որ ապրիլ 2-ին կայսեր կողմէ ականակուռ օսմանիէ պատուանշանը շնորհուած էր իրեն, գանգատները լռեցնելու դիտմամբ. իսկ բողոքագիրէն ետքը Եւրոպիոյ Հայոց համախմբութեան եւ Պարսկաստանի Հայոց յարձակման խօսքերով ջանք կ՚ըլլար պատրիարքը ահացնել ու լռեցնել: Իսկ նա համախմբութիւնը եղելութեանց փաստով կ՚արդարացնէր, եւ յարձակումը մտացածին ցուցնելով կը հերքէր ( ՕՄԱ. 73): Քննութիւններ եւ զննութիւններ ապրիլ 4-ի բողոքագիրին ելքը կ՚ուշացնէին, ուստի մայիս 6-ին կայսեր եւ յունիս 1-ին նախարարութեան կրկնումներ դրուեցան. վարչական ժողովն ալ պատրիարքին համամիտ գտնուելով` յունիս 6-ին իր նիստերը դադրեցուց իբր նշան համերաշխութեան: Պատրիարքն ալ պահանջումները սաստկացնելով այս անգամ ինքն ալ գործէ քաշուելու միտքը կազմեց, եւ յուլիս 10-ի վարչութեան հաղորդեց, թէ մտադիր ըլլալով հրաժարական ներկայել եւ ընդունուիլը հաւանական երեւնալով, պէտք է որ ինքը գործի գլուխ դառնայ որպէսզի պատրիարքարանը առանց իշխանութեան չմնայ ( ՕՄԱ. 74): Իրօք ալ Օրմանեան յուլիս 20-ին պայմանական հրաժարագիրը կը հասցնէր նախարարութեան եւ կը հաղորդէր արքունեաց եւ վարչութեան, եւ մինչ կառավարութիւնը անընդունելի կը հռչակէր, վարչութիւնը իր համեմատութիւնը կը յայտնէր կրօնական եւ քաղաքական ատենապետներու պատգամաւորութեամբ: Նախարարութիւնը կրկին եւ կրկին հրաւէրներով կը փորձէր պատրիարքը հրաժարականէն ետ դարձնել, աստ եւ անդ յայտնուած խլրտումները կը զեկուցանէր, եւ կայսերական ցասումն ու զայրոյթը կը պատճառէր, բայց երբ այս միջոցներով ալ արդիւնք մը չէր տեսներ, իբրեւ զիջողութեան պայման պատրիարքի եւ վարչական ժողովներու անդամոց անձնական երաշխաւորութիւնը կը պահանջէր, թէ երթեւեկի թոյլտուութենէն որ եւ է անտեղութիւն պիտի չծագի. պատրիարք եւ վարչութիւն չվարանեցան երաշխաւորութիւն տալ օգոստոս 14-ին, կայսերական հրաման արձակուեցաւ եւ 17-ին, թէ Հայոց նկատմամբ միեւնոյն ձեւերը պիտի գործածուին ինչ որ ուրիշ ազգերու համար կը գործածուին: Պատրիարքը գրաւոր յայտարարութիւն ալ պահանջեց, բայց արքունական առաջին քարտուղարը իր պաշտօնական յայտարարութիւնը եւ պաշտօնատուներուն ալ հաղորդուած ըլլալուն լուրը բաւական սեպեց, եւ պատրիարքը օգոստոս 18-ին պարտաւորուեցաւ զիջանիլ ( ՕՄԱ. 75), ոչ միայն զի պնդելը անձնական պատուոյ խնդիր կրնար նկատուիլ, եւ կայսեր գահակալութեան նախընթաց օրը վարմունքի անազնուութիւն մեկնուիլ, այլեւ Կիլիկիոյ խնդիր կար մէջտեղ, զոր մղելու եւ վերջացնելու համար պէտք էր պաշտօնական մարմինը տեղը գտնուէր: Վարչութիւնը օգոստոս 28-ին ժողովական որոշմամբ պատրիարքին ընթացքը հաստատեց եւ իւրացուց, երթեւեկի եւ ուրիշ կէտերու դիւրութիւններ ալ պահ մը իրօք տեսնուեցան ( ՕՄԱ. 76) եւ այսպէս փակուեցաւ 1902-ի տագնապը, որ կրնայ երրորդ ըսուիլ, նախնական 1899-ի 3013), Կիլիկեան 1900-ի 3017) պատրիարքական տագնապներէն ետքը:

3025. ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ ԵՒ ՄԱՀԱՓՈՐՁ

Պատրիարք եւ վարչութիւն իրենց ուղղութեամբ կը յառաջէին եւ համերաշխ համաձայնութեամբ կը գործէին, միակ նպատակ ունենալով կացութիւնը հնարաւորութեան չափով բարւոքել, աղէտները խափանել, վտանգեալ ազգութիւնը պահպանել, կարելիութեան աստիճանով կազդուրել, երեւակայական փորձերը զգուշանալ, անխորհուրդ ձեռնարկները խափանել: Թուրքիոյ մէջ ապրող հայութիւնը, որ իրեն կրած նեղութեանց դարմանին կը բաղձար, գոհ էր այդ ուղղութենէն, եւ թէ մայրաքաղաքէն եւ թէ գաւառներէն շնորհապարտ գոհունակութեան արտայայտութիւններ կը տեղային եւ պատրիարքին ու վարչութեան իրենց ուղղութեամբը շարունակելու համոզումը կ՚աճեցնէին: Բայց համամիտ չէին արտասահմանի կուսակցական կեդրոնները, իրենց կողմէն եկող գրգռիչներն ու գործիչները, եւ անոնցմէ գրաւուած հետեւողները, ինչպէս կը քաղուէր անոնցմէ բխող պարբերական եւ թռուցիկ հրատարակութիւններէ, որոնցմով կը հրապուրուէին միամիտ հետեւողները: Կուսակցութեանց ուղղութիւնն էր ներկայով չզբաղիլ, մանաւանդ թէ աղէտները ծանրացնել, որ Եւրոպան զայրանայ ու գրգռուի եւ բարօրութեան ապագան պատրաստուի: Այդ միտքին որոշիչ փաստը պիտի ըլլար եւրոպական պետութեանց ընթացքը, բայց պատրիարք եւ վարչութիւն պետութեան եւ դեսպանատանց հետ շարունակ յարաբերութիւններ ունէին, անոնց անտարբեր ընթացքը կը տեսնէին 3000), եւ երեւակայական տեսութիւններ չէին կրնար մշակել. մինչ կուսակցականներ որ ինքզինքնին յայտնապէս յեղափոխական ալ կ՚անուանէին, կը յուսային կամաւոր զոհողութեամբ Եւրոպան բռնադատել, հետեւաբար կ՚ուզէին պատրիարքարանի վրայ ճնշում գործել, եւ ժողովականները մէկ կողմ թողլով պատրիարքին վրայ կը ծանրանային. կամ այն էր զայն կարողագոյն եւ դիրքին ու գործին տէր կը նկատէին, կամ թէ ճնշումը մէկուն վրայ ամփոփելով համերաշխութիւնը քակտել եւ ամբողջը ահաբեկել կը յուսային: Պատրիարքը ստիպելու համար սպառնական նամակներ կը տեղացնէին շարունակ, զորս նաեւ ոչ իսկ մէջտեղ կը հանէր, եւ կառավարութենէ ու հանրութենէ հաւասարապէս կը ծածկէր, առաջին բռնութեանց առիթ չընծայելու եւ վերջինին վհատութիւն չպատճառելու համար: Այդ բռնադատիչ միջոցները նուազած էին 1902 տարւոյ վերջին ամիսներուն մէջ, երբ յանկարծ խօսքին տեղ գործը կու գար, եւ 1903 յունուար 6-ին երկուշաբթի օր կենաց դաւաճանութիւն կը փորձուէր Օրմանեանի վրայ: Ճրագալոյցի կիրակի օրը այնպիսի սաստիկ ձիւն մը կը տեղար, որ ոչ կառք եւ ոչ մարդ կ՚երեւէր փողոցները, բայց Օրմանեան ստիպուած Բերայի բնակարանէն Գումգաբուի պատրիարքարանը կու գար: Ծննդեան առտուն ձիւնը կը շարունակէր, որով յամրաբար պատրիարքը չկրցաւ ըստ սովորութեան խորհրդարանի մէջ զգեստաւորուելով եկեղեցի մտնել, եւ աւանդատունէ դաս անցաւ: Երբոր խնկարկութեան թափօրին համար դասին աջակողմեան դուռնէն դուրս կ՚ելլէր, հրազէնի ձայն մը կը լսէր, եւ աչքը դարձուցած ատեն զէնքը գլխուն վրայ կը տեսնէր: Իսկոյն կը ցածնար եւ երկրորդ հարուածը վրայէն կ՚անցնէր, երրորդ հարուածը կը շեղէր զէնք պարպողին ձեռքին զարնուելէն: Պատրիարք Ս. Ծնունդի մատուռը կ՚ապաստանէր, իսկ զէնք պարպողը բարապաններուն եւ ժողովրդականներուն ձեռքով կը բռնուէր եւ վրայ հասնող ոստիկաններու կը յանձնուէր: Օրմանեան միայն մատուռին մէջ կը զգար թէ վիրաւորուած է, գնդակը եկեղեցական զգեստները եւ աջ ուսին միսը ծակելով անցած էր, բարեբախտաբար ոսկրին չէր դպած, բայց հարկ եղաւ որ ժամարարութենէ հրաժարի եւ Երէցեան Գէորգ եպիսկոպոս փոխանակեց: Պատրիարքարանի մէջ նուազումի վտանգէն ալ ազատելով անկողին ինկաւ, եւ լուրը տարածուելով այցելութիւններ յաճախեցին, եւ օրերով շարունակեցին, թէպէտ լրագիրներու արգիլուեցաւ եղելութիւնը գրել: Պալատէն թիկնապահներ եւ բժիշկներ, նախարարութիւններէն ողջունաբերներ, եւ ոստիկանութեան եւ դատարանի պաշտօնեաներ իրարու յաջողեցին լուր առնելու եւ նախնական քննութիւն բանալու: Օրմանեանի ջանքն եղաւ գործին կարեւորութիւնը նուազեցնել, քննութեանց ընդարձակումը արգիլել, տարապարտ հալածանքներու առիթ չընծայել, զէնք պարպողին իսկոյն ձերբակալուած ըլլալն ալ այդ նպատակը դիւրացուց: Դեղագործութեան աշակերտ երիտասարդ մըն էր նա, Յակոբ Խաչիկեան, որդի Կարնեցի Մկրտիչ Խաչիկեանի, որ Կարինէ եւ Կ. Պոլիսէ Օրմանեանի ծանօթ եւ պաշտօնի վրայ գտնուած անձ մըն էր: Եօթը ութը հոգւոյ փոքրիկ խումբի մը վրայ ամփոփուեցաւ գործին պատասխանատուութիւնը, գլխաւոր Կ. Պոլիսէ խոյս տուած գտնուեցաւ, Յակոբ մահուան եւ չորս ընկերներ բերդարգելութեան վճիռ ստացան յունուար 25-ին, որ փետրուար 17-ին վճռաբեկէն ալ հաստատուեցաւ. սակայն Օրմանեանի միջնորդութեամբ Յակոբի պատիժն ալ բերդարգելութեան փոխուեցաւ մարտ 8-ին: Դաշնակցութեան կեդրոնը եւ անոր պաշտօնական պարբերականը իրմէ օտար հռչակեց գործուած դաւաճանութիւնը, զոր իբր անձնական նախաձեռնութեան գործ նկատել տալ ուզեց, թէպէտ գործող խումբին անհատները դաշնակցական անդամակիցներ եւ յանձնարարական գործիչներ էին: Օրմանեան շաբաթի մը չափ պատրիարքարանի մէջ խնամուելով` 11-ին տուն փոխադրուեցաւ, մերժելով հեծեալ ոստիկաններու զգուշական ուղեկցութիւնը: 25-ին կրցաւ Ղալաթիոյ եկեղեցին ուխտի եւ կայսերական պալատ շնորհակալութեան երթալ, 30-ին պատրիարքարան գնաց, 31-ին կայսեր կողմէ յատուկ ունկնդրութեան ընդունուեցաւ, եւ փետրուար 5-ին սկսաւ կանոնաւորապէս պաշտօնական գործոց հետեւիլ, որչափ ալ հիւանդութեան միջոցին հրահանգներ ու թելադրութիւններ զանց չէր ըրած: Մահափորձին հետեւանքն եղաւ, որ Օրմանեան ոչ միայն պաշտօնը լքանելու միտքը չունեցաւ, նոյն իսկ նոյն օրը գրուած սպառնական նամակին վրայ, այլեւս անձնական վտանգի պատճառով դասալիք մը չերեւնալու համար հրաժարականի խօսքն ալ լռեցնել հարկ սեպեց, եւ երկար միջոց մը այդ փաստը չգործածեց դժուարութեանց հանդէպ եւ կառավարութեան առջեւ: Կուսակցական գործունէութեան մասին մեղադրանքով խօսեցանք, բայց տարապարտ խօսած չենք ըլլար, երբոր կը տեսնենք որ իրենք են որ զիրար չարաչար կը մեղադրեն, եւ իրարու դիմակը վար առնելու նպատակով անախորժ հրատարակութիւններ կը կատարեն ԳՆ. Դ. ): Սկզբունքի եւ ուղղութեան մասին ալ իրար չհասկցող դարձած` իրարմէ կը պառակտին, եւ Հնչակեան, Դաշնակցական, Վերակազմեալ, Վերվերակազմեալ, Միութենական, Ռամկավարական եւ ուրիշ անուններով իրարմէ անկախ եւ իրարու հակառակ մաքառող ճիւղեր կը կազմեն, եւ իրարու վրայ մահափորձեր կը կատարեն, եւ սպանութիւններ ալ կը գործեն ԳՆ. Դ. 235): Մենք չենք սիրեր այդ անախորժ պատմութիւնները կրկնել, եւ ոչ ալ յեղափոխականներէ սպաննուած յեղափոխականներու անունները տալ. բաւական կը սեպենք ազգային կեանքին պատմութիւնն ըրած ու պաշտօնական կեդրոնին ուղղութիւնը բացատրած ըլլալ:

3026. ՌՈՒՍԱՀԱՅ ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐ

Կուսակցական շարժումներ իրենց նախօրէքին պարզապէս Տաճկահայոց կացութեամբ զբաղելուն եւ հակատաճկային ուղղութիւն ունենալնուն, ռուսական կառավարութեան անպատեհ չերեւցան, եւ մինչեւ աստիճան մը լռելեայն եւ անուղղակի քաջալերութիւն ալ գտան: Սակայն իրենց շարունակութեան մէջ ընդարձակութիւն ունեցան, տաճկահայկականը ընդհանուր հայկականի կերպարան առաւ, Ռուսահայոց վիճակն ալ տագնապալի եւ զարմանալի երեւցաւ, Ռուսիոյ ոչնչական շարժումին հետ շփուեցաւ, եւ անոր հետ միացած ու անկէ որդեգրուած կարծուեցաւ, եւ հայութիւնը, հայութեան բարօրութիւնը, հայութեան ապագան, ռուսական մտադրութիւնն ալ գրաւեցին, եւ այսպէս բոլորովին կերպարանափոխուեցան ռուսական կառավարութեան եւ Ռուսահայ հանրութեան յարաբերութիւնները. նախ կասկած, կասկածէ զգուշութիւն, եւ զգուշութենէ խստութիւն, խստութենէ բացառութիւն, բացառութենէ հալածանք Ռուսահայոց վրայ ալ ծանրանալ սկսան: Շատոնց Ռուսաց կառավարութիւնը մտադրութիւն դարձուցած էր Հայոց դպրոցներուն վրայ, որոնք Մակարի ընտրութենէն առաջ անգամ մըն ալ փակուեցան 2886 ա. ) եւ Մակարի օրով վերաբացուեցան 2926), բայց միշտ կասկածոտ վերաբերումը չվերցուեցաւ հասարակութեան եւ գլխաւորապէս դպրոցներու վրայէն: Խնդիրը վերանորոգուեցաւ 1897 յունիս 2-ին, եւ անոր վրայ նոր օրէնք մը հրատարակուեցաւ 1898 մարտ 26-ին ոչ միայն դպրոցները այլեւ դպրոցական կալուածները կառավարական հսկողութեան ներքեւ առնելու, որ բաւական տագնապեցուց Խրիմեանի կաթողիկոսութիւնը, բայց եւ Մայրաթոռը յաջողեցաւ դատարանական վճռով ապացուցանելու թէ կալուածները պատկանում են իբրեւ սեփականութիւն ոչ թէ դպրոցներին, այլ եկեղեցիներին եւ վանքերին ( ԴԷՊ. 10): Կովկասի կառավարչապետ իշխան Գալիցին, որ կարծես յատկապէս Հայերը զսպելու հրահանգով այդ պաշտօնին կոչուած էր, երբ առաջին միջոցը խափանուեցաւ, ուղղակի եկեղեցական կալուածները կառավարութեան ձեռքն անցունելու առաջարկը կազմեց, որ առաջին տեսութեամբ խիստ երեւցաւ նախարարներէն ոմանց, իբր զի Հայ ազգաբնակութեան մէջ խոր դժգոհութիւն կարող էր առաջացնել, եւ մասնաւոր հսկողութեան կերպը մտածուեցաւ: Նոր ծրագիր մը կազմուեցաւ նպատակ ունենալով կարճել Հայոց բարձր հոգեւորականութեան եւ ինդելիգենցիայի օրինազանց գործակցութիւնը. եւ յատուկ քննութեան ենթարկուեցաւ, որ նախադասեց սահմանափակել Հայոց եկեղեցու ինքնավարութիւնը, եւ հաստատել իրական վերահսկողութիւն եկեղեցական արդիւնքների եւ ծախքերի վրայ ( ԴԷՊ. 11): Բայց կառավարչապետը միշտ իր առաջին առաջարկին վրայ կը պնդէր, եւ ներքին գործոց նախարարութեան յանձնուեցաւ անոր հետ խորհրդակցիլ եւ որոշման մը յանգիլ, որ թէպէտ երկուքին մէջ գոյացաւ, բայց 1901 յուլիս 26-ին դարձեալ ամբողջական նախարարութեան յանձնուեցաւ քննել եւ որոշել: Այս առթիւ ներքին գործոց նախարար Պլեվէ ամրապէս պաշտպանեց Գալիցինի տեսութիւնները, եւ բաւական երկար խորհրդակցութիւններէ ետքը, վերջապէս 1903-ին անհրաժեշտ նկատուեց Հայ-Լուսաւորչական եկեղեցու կալուածների վարչութիւնը կեդրոնացնել կառավարչական հիմնարկութիւնների տեսչութեան տակ, եւ յունիս 12-ին կայսերական ստորագրութիւնն ալ ստացուեցաւ եւ հաստատուեցաւ ( ԴԷՊ. 14), եւ Կովկասի մէջ իբրեւ բօթաբեր գոյժ մը հնչեց պաշտօնական հեռագիրը, թէ լոյս տեսաւ բարձրագոյն հրաման Հայ-Լուսաւորչական եկեղեցու կալուածները գրաւելու մասին ( ԴԷՊ. 9): Նոր օրէնքը կը տրամադրէր. 1. Ռուսաստանի եւ Կովկասի Հայ եկեղեցիներու եւ ուրիշ հոգեւոր հաստատութիւններու բոլոր կալուածներուն մատակարարական վարչութիւնը յանձնել երկրագործութեան եւ պետական կալուածներու նախարարութեան, ի բաց առեալ հաստատութեանց շէնքերը, եկեղեցի, վանք, վարժարան, առաջնորդարան, գերեզմաննոց եւ անոնց շուրջը գտնուող երեք արտավարի չափ գետիններ, որոնք օտարի չեն վարձուիր: 2. Նոյն մատակարարութեան ենթարկել ասկէ ետքը ստացուելիք կալուածները: 3. Կալուածներէ արդիւնաւորուած հասոյթները եւ տոկոսներէ գանձուած գումարները յանձնել ներքին գործոց նախարարութեան: 4. Բոլոր հասոյթները 10% զատել մատակարարութեան ծախքերու եւ կալուածոց նորոգութեան համար, եւ 5% պահեստի դրամագլուխ կազմելու համար, եւ մնացեալով հոգալ եկեղեցիներու ու վանքերու ու հոգեւորականներու պէտքերը: 5. Հանրային կրթութեան նախարարութեան յանձնել դպրոցներու պահպանութեան որոշուած գումարները: 6. Ներքին գործոց նախարարութեան իրաւունք տալ մատակարարական կանոններ հաստատելու, համարատուութեան ձեւեր որոշելու, եւ ամէն պատահական խնդիր լուծելու եւ գործադրելու: 7. Օրէնքը նոր գրութիւնը կը պարզէր եւ կը վճռէր պահպանելով Հայ-Լուսաւորչական եկեղեցու սեփականութեան իրաւունքները այդ կալուածների եւ դրամագլուխների վրայ ( ԴԷՊ. 16-19), եւ կը յայտարարէր թէ այժմեան մատակարարութիւնը չէ համապատասխանում ոչ պետական իշխանութեան նպատակներին եւ ոչ իրեն եկեղեցու օգուտներին, եւ ոյժ կու տար պահեստի դրամագլուխի դրութեան իբրեւ միջոց բոլոր եկեղեցիները հաւասարապէս հոգալու, մինչ այժմ, կ՚ըսէր, շատ կան այնպիսի ծուխեր որ միջոցները չափազանց անձուկ են, եւ գիւղական հոգեւորականութիւնը սակաւ ապահովուած է ( ԴԷՊ. 14): Թէպէտ օրէնքին հրատարակութիւնը 1903 յունիս 12-ին լսուեցաւ, սակայն մի ամբողջ ամիս թաքստի մէջ պահուելէ յետոյ պաշտօնապէս հրատարակուեցաւ յուլիսի կէսին ( ԴԷՊ. 16): Իսկ Գալիցին որ այդ նպատակով եօթը ամիսներ Պետրբուրգ մնացած էր ( ԴԷՊ. 10), գործը աւարտելէն ետքը յաղթական ձեւով Տփղիս դարձաւ, եւ անմիջապէս գաղտնի հրամաններ արձակեց ոստիկանութեան ու զօրանոցներուն ( ԴԷՊ. 19): Ռուսական կառավարութեան այդ նոր ձեռնարկին հիմը կը կազմէր այն համոզումը, թէ Հայ կղերը պարագլուխ է հայկական շարժումին եւ մինչեւ իսկ նախապատրաստող Մեծ-Հայաստանի ամբողջական վերականգման, եւ թէ ամէն տարի անսպառելի դրամ է տալիս հայկական գործին ( ԴԷՊ. 24): Այսպէս Հայոց եւ Հայաստանի իշխող երկու կայսրութիւններ համամիտ կը գտնուէին վերագրելու հայուն այն կարեւորութիւնը զոր նա չունէր, եւ կուսակցական գործիչներուն վրայ մեծ կարողութիւն եւ ճարտար գործունէութիւն մը կ՚երեւակայէին, որ շատ հեռու էր իրականութենէ:

3027. ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՍԿԻԶԲԸ

Իրաւացի էր Հայերուն վրայ ազդած խոր տպաւորութիւնը եւ միտքերու շուարումը, զի 1836-ի պօլօժէնիէն բացարձակ կերպով կ՚ապահովէր եկեղեցական կալուածոց մատակարարութիւնը նոյն իսկ եկեղեցիներուն ( ՊՕԼ. 22), եւ վանական կալուածոց մատակարարութիւնը վանքերուն պատկանիլը ( ՊՕԼ. 18): Պօլօժէնիէի օրէնքն ալ կաթողիկոսարանի հետ համաձայնութեամբ կազմուած էր 2520), իսկ այժմ թէ պօլօժէնիէն հիմնապէս կը փոխուէր, եւ թէ կաթողիկոսարանի հետ բանակցութիւն եղած չէր: Յուլիսի կէսէն Էջմիածին ստացած էր օրէնքի ամբողջութիւնը կառավարչապետի պաշտօնագիրով, եւ լուրին վրայ յունիս 29-ին Աղեքսանդրապոլ ճշմարիտ հայաքաղաքը առաջին եղած էր կաթողիկոսին դիմելու, որ եկեղեցւոյ հնաւանդ եւ պաշտօնապէս ճանչցուած իրաւունքը պաշտպանուի ( ԴԷՊ. 44). յուլիս 16-ին Օրմանեան պատրիարքը Կ. Պոլիսէ կը հարցնէր թէ ստո՞յգ է արդեօք լրագիրներու մէջ տեսնուած գրաւման լուրը, թելադրելով միանգամայն պատշաճ դիմադրութիւնն ընել, նկատելով որ նոր օրէնքը թէ եկեղեցւոյ իրաւանց եղծիչ էր եւ թէ եկեղեցւոյ պաշտօնեաներուն անարգական ( ԴԷՊ. 81): Մայրաթոռոյ միաբանութեան կողմէն ալ յուլիս 30-ին բողոքի եւ դիմադրութեան յայտարարութիւն ներկայացուած էր եղածին դէմ ( ԴԷՊ. 129): Նոյնը կ՚ընէր օգոստոս 3-ին Երեւանի քաղաքէն ու վիճակէն հաւաքուած հոծ բազմութիւն մը առաջնորդ Սուքիաս եպիսկոպոսի գլխաւորութեամբ ( ԴԷՊ. 83) Վաղարշապատի մէջ ( ԴԷՊ. 63): Իսկ Խրիմեան որ զինքն Թուրքիոյ հալածանքներէն ազատած կարծելով Ռուսիոյ ծանրագոյն հալածանքին հանդիպած եւ շուարած էր, առ ժամս կը գոհանար նոր օրէնքը Մայրաթոռոյ կողմէն հրատարակութեան չտալով եւ վիճակներու չհաղորդելով, մինչեւ որ գործը որոշ ձեւ մը առնէր: Իսկ Գալիցին շտապ եւ կտրուկ գործելու հետամուտ ( ԴԷՊ. 33), խիստ հրամաններ կը հասցնէր ուղղակի եկեղեցպաններու, վանահայրերու, առաջնորդներու եւ փոխանորդներու ոստիկաններու միջոցով, եւ խազախ հեծեալներու եւ իսլամ գիւղապահներու ջոկատներով. զի կը կարծէր եւ պետական շրջանակներու ալ վստահացուցած էր, թէ կաթողիկոսը ծեր ու տկար է եւ շուտով կը համակերպի, ժողովուրդն ալ իր եկեղեցականներէն զզուած է եւ ուրախութեամբ կ՚ընդունի ( ԴԷՊ. 34). բայց ճիշդ անոնցմէ կը սկսէր դիմադրութիւնը: Կաթողիկոսը ընկճելու համար ուղղակի Պլեվէէ հեռագիր կը հասնէր օգոստոս 3-ին, օրէնքը անյապաղ գործադրելու եւ ծանր հետեւանքներու առիթ չտալու ( ԴԷՊ. 43): Իսկ Խրիմեան կը պատասխանէր օգոստոս 6-ին թէ գործը կրնար ամբողջ հայ եկեղեցու համար անցանկալի հետեւանքներ ունենալ. ուստի սինոդական դիմում ընել որոշուած էր, բայց պրոկուրորին չներելուն համար, այժմ նախարարութենէն կը խնդրէ ժամանակաւորապէս յետաձգել գործադրութիւնը եւ կարելիութիւն տալ կայսեր բացատրութիւններ մատուցանելու ( ԴԷՊ. 44), եւ նախարարէն պատասխանը ուշանալուն վրայ օգոստոս 10-ին ուղղակի կայսեր կը հեռագրէր, աւելցնելով բացատրութիւնները անձամբ մատուցանելու պարագան: Ասոր վրայ 12-ին Պլեվէ կը պատասխանէր թէ յետաձգումի եւ կայսեր ներկայանալու առաջարկները մերժուած են ( ԴԷՊ. 45), եւ բացատրական խիստ գրութիւն մըն ալ կը յղէր, թէ այդ առաջին շեղումն չէ Էջմիածնի կաթողիկոսի կողմից, եւ թէ իրեն հրամայուած է քննութեան ձեռնարկել թէ ռուս միապետների հայ եկեղեցուն պարգեւած վարչական կազմը ո'րքան է շարունակում համապատասխանել պետական շահերին ( ԴԷՊ. 46): Խրիմեան բաւական ոգեւորուած էր զանազան կողմերէ յայտնուած յորդորներով, որոնց կը ձայնակցէր Եւրոպայի դաշնակցական կեդրոնէն բխած կոչ մը, թէպէտ քիչ մը պոռոտախօս ոճով գրուած ( ԴԷՊ. 76-78), եւ այլեւս յայտնի դիմադրութեան որոշումը տուած էր, զի օգոստոս 4-ին պաշտօնական կոնդակով սինոդին կը հրամայէր օրէնքը չհրատարակել եւ գործը սահմանափակել ու պէտք եղած հին վաւերագիրերը պատրաստել ( ԴԷՊ. 36 եւ 83), եւ օգոստոս 7-ին նոյն ուղղութեամբ ընդարձակ պատասխան մը գրեց Կ. Պոլսոյ պատրիարքին, նոր վաւերագիրներու պատճէններն ալ յարակցելով, իր ուղղութիւնը գծելով, եւ թեմակալներն ու վանահայրները ու փոխանորդները համագումար ժողովի հրաւիրած ըլլալը ծանուցանելով ( ԴԷՊ. 82-84): Միանգամայն զատ զատ կոնդակներով սինոդին եւ վեց թեմակալներուն կը հրամայէր ոչ մի կերպով նոր օրէնքին գործադրութեան մասնակից գտնուիլ ( ԴԷՊ. 37): Ծանուցուած ժողովին նախ կը գումարուէին թեմակալներ եւ սինոդականներ 9 հոգի, Սուքիաս եպիսկոպոսի նախագահութեամբ, եւ օգոստոս 9-ին հրամանին համակերպելով հրաժարականնին կը մատուցանէին, որ սակայն ընթացք չէր ունենար: Երկու օր ետքը օգոստոս 11-ին կը գումարուէին վանահայրներ եւ փոխանորդներ 22 հոգի, դարձեալ Սուքիաս եպիսկոպոսի նախագահութեամբ, եւ կայսեր հաւատարմութիւննին վկայելով կը խոստանային գործադրութեան չմասնակցիլ ( ԴԷՊ. 131-133): Նման յայտարարութիւն մըն ալ ամբողջ միաբանութիւնը կը ներկայէր ( ԴԷՊ. 129-130) յուլիս 30-ին: Իսկ Կ. Պոլսոյ պատրիարքը կանխած էր Տաճկահայոց բողոքին պաշտօնականութիւն եւ ծանրակշռութիւն տալու համար օգոստոս 5-ին Կ. Պոլիս գտնուող եպիսկոպոսները ժողովի գումարել ներկայութեամբ 12 անդամոց, որոնք էին ինքն Օրմանեան, Մեսրոպ Սուքիասեան, Բարթողիմէոս Չամիչեան, Գրիգորիս Յովհաննէսեան, Վահրամ Մանկունի, Տիմոթէոս Սափրիչեան, Եզնիկ Ապահունի, Հմայեակ Դիմաքսեան, Մկրտիչ Վեհապետեան, Գէորգ Երէցեան, Ներսէս Ասլանեան եւ Գաբրիէլ Ճէվահիրճեան եպիսկոպոսներ ( ԴԷՊ. 84): Լոկ եպիսկոպոսներով ժողով գումարելու ձեւը նախադասուեցաւ, զի գործը ընդհանուր հայ եկեղեցւոյ եւ ուղղակի Մայրաթոռոյ հետ կապ ունէր, եւ զի սահմանադրական վարչութեան կրօնական եւ քաղաքական ժողովներուն նշանակութիւնը նուազ էր ռուսական կառավարութեան աչքին: Այդ ժողովին մէջ նկատի առնուեցաւ թէ Մայրաթոռոյ եւ բոլոր ռուսահայ եկեղեցեաց եւ վանօրէից եւ վարժարանաց շարժական կամ անշարժ գոյքերը պօլօժէնիէէն ճանչցուած եւ ընդունուած են իբր ընդհանուր ստացուած ողջոյն լուսաւորչական եկեղեցւոյն Հայոց ( ՊՕԼ. 21), որով իրենք ալ իբր նոյն եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներ եւ նոյն աթոռի միաբաններ իրաւունք ունին իրենց ձայնը լսելի ընել տալ: Այդ սկզբամբ որոշուեցաւ յիշեալ գոյքերու սեփականութեան համար եւ մատակարարութեան համար ամենուն ստորագրութեամբ գրել ամենայն Հայոց կաթողիկոսին եւ ուղղակի դիմել Ռուսաց կայսեր եւ ծանուցանել Ռուսաց դեսպանին, եւ պատրիարքին յանձնուեցաւ գրութիւնները պատրաստել եւ առաքումները հոգալ: Կաթողիկոսին գիրը շուտով պատրաստուելով անմիջապէս ճամբայ հանուեցաւ ( ԴԷՊ. 84-85), իսկ կայսեր ուղղուելիք գիրը գաղղիերէն պատրաստուեցաւ եւ հայերէնի վերածուեցաւ, թէ' ազգային լեզուն պահելու եւ թէ' բոլոր ստորագրողներուն մատչելի ընելու համար, եւ նոր գումարման մէջ կարդացուեցաւ եւ հաստատուեցաւ օգոստոս 21-ին, եւ երկու լեզուով ընդօրինակուելով եւ ստորագրուելով յղուեցաւ ( ԴԷՊ. 91-95) ուղղակի կայսերական պալատան նախարար Ֆրիտիրիքսի` դեսպանին խորհրդով որ յարմարագոյն դատեց գործակից չերեւնալ, իսկ Իվան Զենովիէվ դեսպանին յանձնուեցաւ ընդարձակ գաղղիերէն յիշատակագիր մը սեպտեմբեր 9 թուականով ( ԴԷՊ. 95-106), որուն համեմատ նա ալ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկագրեց յոյժ նպաստաւոր ոճով, զի Գալիցինի ուղղութենէն տարակարծիք ըլլալը քանիցս առանց քաշուելու յայտարարած էր:

3028. ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Կ. Պոլիս գտնուող եպիսկոպոսներ կաթողիկոսին ուղղուած գիրով կը յանձնարարէին նոր օրէնքին գործադրութիւնը արգիլելու համար Ռուսաց կայսեր դիմել, եւ կը թելադրէին յիշեցնել յատուկ օրէնքով ապահովուած իրաւունքները պաշտօնական յայտարարութիւններով հաստատուած սկզբունքները, ժողովուրդին բարեպաշտական զգացումներուն քաղաքական հաւատարմութեան հիմ ըլլալը, եկեղեցական կալուածոց եւ գոյից դպչողներուն դէմ արձակուած ահագին նզովքները, հայրապետական իշխանութեան պէտք եղած անհրաժեշտ պահանջները, եւ այլ նմանօրինակ կէտեր, եւ կը խոստանային իրենք ալ գործել եւ ճգնիլ որքան եւ պէտք իրացն պահանջիցեն եւ դիմել ուր եւ յոյս ակնկալութեան ելցէ ընդ առաջ ( ԴԷՊ. 85): Իսկ կայսեր ուղղուած օգոստոս 21-ի ուղերձով պատշաճ յառաջաբանէ մը ետքը` կը յայտարարէին թէ գոյից մատակարարութեան մշտնջենաւոր դադարումը համազօր է սեփականութեան դադարման, եւ այդ ալ հաւասար է իրաւունքին ջնջուելուն, եւ հայ եկեղեցւոյ իրաւունքին ջնջուիլն ալ եկեղեցւոյն դադարումն է, եւ խափանումն է միոյն ի հիմնական օրինաց պետութեան: Իսկ իրենք եւ իրենց ձայնակից բոլոր եպիսկոպոսներ եւ թեմակալներ երդմամբ պարտաւորեալ ըլլալով իրենց եկեղեցւոյն պաշտպանութեան` յայտնի մատնութիւն ընդդէմ եկեղեցւոյ եւ ուրացութիւն ընդդէմ հաւատոց իւրեանց ըրած պիտի ըլլային եթէ լռէին: Կը յիշեցնեն եւս թէ Ռուսիոյ մէջ գտնուող բոլոր կրօնքներ իրենց կրօնական պաշտօնեաներու ձեռքով կը մատակարարեն իրենց սեփականութիւնները, եւ հայ եկեղեցին ալ պէտք է նոյն կերպով մատակարարուի, մանաւանդ որ Ռուսիոյ հայ եկեղեցիներու բոլոր գոյքերը արդիւնք եւ սեփականութիւն են ընդհանուր հայ եկեղեցւոյ եւ ոչ լոկ Ռուսահայոց, ինչպէս պօլօժէնիէն ալ կ՚ընդունի: Վստահ են որ եթէ այդ դիտողութիւններ կանխաւ զեկուցուած ըլլային նոր օրէնքն իսկ կազմուած չէր ըլլար: Կը վկայեն թէ Հայեր իրենց եկեղեցին պահելէ զատ ուրիշ ձգտում չունին, եւ կը մերժեն իրենց վերագրուած անուղիղ մտայնութիւնները, կը յիշեցնեն Հայերու կողմէ ռուսական պետութեան ընդարձակման եւ զարգացման համար մատուցուած ծառայութիւնները, կը խնդրեն հրամայել զդադարումն բռնադատիչ գործադրութեանց, եւ կը կնքեն օրհնութիւններով եւ մաղթանքներով ( ԴԷՊ. 91-95): Դեսպանատան մատուցուած սեպտեմբեր 9-ի յիշատակագիրը կը սկսի յայտարարել թէ ի'նչպէս եկեղեցւոյ սեփականութիւնը ի վաղուց անտի եւ յանյիշատակ ժամանակաց հաստատուած իրաւունք կը կազմէ, պօլօժէնիէն ալ զայն ընդունած է, հակասական կը գտնէ նոր օրէնքին սեփականութեան իրաւունքը պահելը եւ մատակարարութեան իրաւունքէ ընդմիշտ զրկելը, եւ այդ կէտը կը փաստաբանէ զանազան գիտական սկզբունքներով եւ տրամաբանական պատճառաբանութիւններով, հիմնուելով նաեւ Ռուսաստանէ դուրս գտնուող Հայերուն իրաւունքին տէր լինելուն, եւ պետական հսկողութեան պէտք եղած պայմաններուն պօլօժէնիէով հաստատուած ըլլալուն վրայ: Նկատի կ՚առնէ որ ռուսական եկեղեցւոյ գոյքերն սինոդով, եւ կաթոլիկ ու բողոքական ու մահմետական կրօնքներու գոյքերն կրօնական մարմիններով կը մատակարարուին, եւ Հայոց համար ալ նոյն օրէնքը կը տիրէ, եւ նոյնը պէտք է շարունակէ: Կը հերքէ հայ հոգեւորականութեան կողմէ վատ մատակարարութեան բարուրանքը, նկատելով որ ցարդ եւ ոչ մէկ ամբաստանութիւն եղած է սինոդի եւ ատեաններու դէմ, որ եթէ ճշմարիտ ալ ըլլայ, պաշտօնական քննութենէ եւ ժամանակաւոր հսկողութենէ աւելի հետեւանք չէր կրնար ունենալ: Մտադրութիւն կը հրաւիրէ որ Ռուսահայեր ցարդ փայլած են իրենց հաւատարմութեամբ եւ անձնուէր ծառայութեամբ, կը հետեւցնէ ընդհանուր հայութեան զգացած ցաւը եւ միանգամայն զարմանքը, իրենց եկեղեցւոյն պաշտպան եղած Ռուսիոյ յանկարծ իր դերը փոխելուն վրայ, որ մինչեւ իսկ կրօնական ընդհանուր սկզբունքներ ոտնահար ընելու կերպարանը կը զգենու: Կը պատմէ Տաճկահայերուն մէջ զգացուած ցնցումը, ամէն կողմերէ պատրիարքարան տեղացող բողոքները, կաթողիկոսին գրուած յայտարարութիւնը, Ռուսաց կայսեր մատուցուած դիմումը, եւ կը յուսայ որ դեսպանատունն ալ, որ այդ ամէնը աչքին ներքեւ կը տեսնէ, պիտի հաճի իր կառավարութեան հաղորդել եւ գայթակղութիւնը վերջացնել տալ ( ԴԷՊ. 95-106): Պատրիարքը առանձին գրութեամբ սեպտեմբեր 24-ին կը հաղորդէր կաթողիկոսին այդ դիմումներուն պատճէնները կարեւոր բացատրութիւններով, ինչպէս նաեւ օգոստոս 25-ի երկրորդ կոնդակին պատասխանները: Լսած ըլլալով որ կաթողիկոսը միտք ունի հրաժարիլ կամ Ռուսիայէ մեկնիլ, երկու միտքերն ալ եկեղեցւոյ վնասակար ըլլալը բացատրելով, յանուն եպիսկոպոսական դասուն եւ վարչութեան եւ ժողովրդեան, կը յորդորէ արիաբար դիմադրել առանց հրաժարելու եւ առանց հեռանալու: Ակնարկելով օսմանեան կառավարութեան միջնորդութեան ալ դիմում ընելու միտքին, կը յայտարարէ թէ պետական յարաբերութիւնք երկուց կայսրութեանց բարեկամական կրեն կերպարան, եւ ոչինչ ի մերոյն անտի լինի մեզ ներեալ որ ձերոյն չիցէ հաճելի: Կը յիշեցնէ նաեւ որ ժողովրդական բուռն ընդդիմութիւնը, քարաձգութիւնք եւ հրազինաց կիրառութիւնք, եթէ ստոյգ են, կրնան Հայերուն վրայ խռովարարի անունը հաստատել եւ վնասակար դառնալ: Վերջապէս եպիսկոպոսաց կողմէն կաթողիկոսին ուղղուած գրութեան պատճէնը ամէն եպիսկոպոսներու եւ առաջնորդներու յղուեցաւ, որ ստորագրելով դարձնեն, ուստի պատրիարքը կը խոստանայ հասածները հետզհետէ յղել ի լրումն համերաշխ համաձայնութեան բովանդակ եպիսկոպոսական դասուն ընդ գրոյն յղելոյ ի գտելոցն ի մայրաքաղաքի ( ԴԷՊ. 106-109): Պատրիարքը այսչափով ալ չգոհանալով խնդիրին իսկութիւնը բացատրող ընդարձակ գրութիւն մը պատրաստեց գաղղիերէն լեզուով, գործին անիրաւութիւնը եւ անտեղութիւնը բացատրող լուսաբանող բոլոր պատճառաբանութիւններով եւ տեղեկութիւններով, եւ զայն ուսուցչապետ Փիլիպպոս Վարդանեանի ձեռքով եւ պարսկական դեսպանատան խորհրդական Մասեհեան Յովհաննէս Խանի ծախքով Պերլինի մէջ տպագրել տալով, բոլոր Եւրոպիոյ եւ Ամերիկայի նախարարութեանց ու դեսպանութեանց եւ լրագիրներու եւ հանդէսներու խմբագրութեանց ցրուել տուաւ, որ բաւական մեծ եւ նշանակալից յուզում պատճառեց ամէն կողմեր, եւ խիստ մեղադրանքներ շարժեց ռուսական քաղաքականութեան դէմ, որոնք իրենց ազդեցութիւնն ունեցան գործին վերջաւորութեան վրայ:

3029. ԳՈՐԾԱԴՐԱԿԱՆ ԽՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Գալիցինի կազմած շուտ ու կտրուկ գործելու ծրագիրը գործադրութեան դրուած էր երբոր այդ թղթակցութիւնք եւ փոխադարձ յարաբերութիւնք կը կատարուէին: Կաթողիկոսին կողմէ յայտարարուած դիմադրութեան եւ օրէնքին գործադրութենէ խուսափելուն վրայ, Երեւանի փոխ նահանգապետ իշխան Նակաշիցէ սեպտեմբեր 3-ին Երեւանէ կը մեկնէր ( ԴԷՊ. 177), եւ 4-ին կաթողիկոսին կը ներկայանար գործադրութեան ստիպելու ( ԴԷՊ. 38): Կաթողիկոսը կը պատասխանէր թէ պետական գործոց համար երդուած էր կայսեր հաւատարիմ ըլլալ եւ պատրաստ էր կենօք չափ ծառայել, բայց հոգեւորական եւ կրօնական գործոց համար աւելի կանուխ երդուած էր Աստուծոյ` հաւատարիմ մնալ եկեղեցւոյ, եւ չէր կրնար ուրիշ կերպ գործել: Պատգամաւորը կը կրկնէր թէ ինքն ալ երդուած կայսեր հաւատարիմ ըլլալ եւ անպայման ծառայել եւ պարտաւոր էր իր թագաւոր կայսեր սուրբ կամքը գործադրել. իսկ կաթողիկոսը կը կրկնէր թէ եկեղեցւոյ դէմ ձեռնարկին մասնակից լինել չէր կրնար, եւ իրեններուն ալ հրամայած էր մասնակից չըլլալ ( ԴԷՊ. 38-40): Իսկ Նակաշիցէ սեպտեմբեր 6-ին ձեռնամուխ լինելով Էջմիածնայ վանքապատկան Վաղարշապատի կայքերն իրապէս ընդունելու, կամ որ նոյն է, հողային կալուածները գրաւելու, Վաղարշապատի կառավարչական պաշտօնատունը ժողով կը գումարէր եւ պաշտօնապէս կը հրատարակէր, թէ եկեղեցական կալուածների սեփականութեան իրաւունքը մնում է նոյն եկեղեցուն, եւ միայն փոխւում է գոյքերի կառավարելու ձեւը, թէ ինքն չէ դիպչում ոչ կրօնքին եւ ոչ եկեղեցական սրբութիւններին, եւ թէ այսուհետեւ այդ կալուածները գործածողները եւ վարողները գործ պիտի ունենան երկրագործութեան եւ պետական գոյքերու նախարարութեան հետ, եւ ոչ Էջմիածնայ վանքին հետ, եւ այդ ամէնը գրի առնելով կնքել կու տայ 7 պաշտօնեաներու, 6 գիւղապետներու, եւ 18 պատուաւոր գիւղացիներու առանց կաթողիկոսի կամ կաթողիկոսարանէ մէկու մը մասնակցութեան, համաձայն կաթողիկոսի յայտարարութեան: Այդ յայտարարութիւնը իբրեւ ապստամբութիւն նկատուելով ( ԴԷՊ. 41) Գալիցինի կողմէ ամէն տեղ հրամայուեցաւ զօրութեամբ եւ բռնութեամբ եկեղեցական կալուածներէ զատ գոյից եւ դրամոց եւ արժէից ալ տիրանալ, որով ընդարձակուեցաւ բռնադատութեանց շրջանը 3027): Կաթողիկոսի հետ Նակաշիցէի տեսակցութիւնը կրկնուեցաւ սեպտեմբեր 15-ին, ուր պատգամաւորը յայտնեց թէ ինչպէս կալուածները գրաւած են նոյնպէս պիտի գրաւեն գանձարանի մէջ գտնուած գումարը: Կաթողիկոս կը պատասխանէ թէ սեպտեմբեր 13-ին դիմում ըրած է կայսեր եւ պատասխանին կը սպասէ, իսկ գտնուած դրամը չի կրնար յանձնել որ միաբանութեան օրապահիկն է եւ իր պաշտօնին անհրաժեշտ է: Նակաշիցէ կը կրկնէ թէ իր նախագահած յանձնախումբը կալուածները գրաւած ատեն ընդդիմութեան հանդիպած չէր եւ գանձարանին գումարը շատ աննշան է գրաւած կալուածներուն արժէքին հանդէպ, իսկ կայսեր դիմումը գործադրութիւնը չէր կրնար արգիլել, զի ի հարկին ամէն բան նոր հրամանի համեմատ կրնար կարգադրուիլ: Ասոր վրայ կաթողիկոսը նորէն կը կրկնէ թէ գործադրութեան չի կրնար մասնակցիլ, եւ թէ իրեններուն ալ հրամայած է չմասնակցիլ: Պատգամաւորը գանձարանը կնիքի ներքեւ առնելով կը մեկնի, բայց կը դառնայ սեպտեմբեր 23-ին: Նախապէս վանքը, վեհարանը, ճեմարանը, Ղազարապատը պաշարման ենթարկելէ յետոյ գանձարանին դուռը կը հրամայէ կոտրել, դրամարկղը փշրել եւ պարունակութեան կը տիրանայ, արժէթուղթեր 400. 000 ռուբլի, թղթադրամ 14. 000, ոսկեդրամ 1 ֆունտ, արծաթ դրամ 6 ֆունտ, եւ հին դրամներ, զորս զինուորական մեծ հսկողութեամբ կը փոխադրեն Երեւան ( ԴԷՊ. 177-180): Երբոր այսչափ բռնութիւն կը գործուէր Մայրաթոռի մէջ կաթողիկոսի անձին դէմ, կրնայ մտածուիլ թէ ինչե՜ր կրնային գործուիլ ուրիշ քաղաքներու մէջ, որոնց պատմութիւնները մի մի եղերական վէպեր կրնան կազմել, բայց մենք անոնց մանրամասնութեանց մտնել զանց կ՚ընենք, եւ բաւական կը սեպենք Աղեքսանդրապոլի, Երեւանի, Ախալքալաքի, Կարսի, Գանձակի, Տփղիսի, Բագուի, Շուշիի, Նորնախիջեւանի, Մեծղարաքիլիսայի անունները յիշատակել ( ԴԷՊ. 206-246): Աւելի սաստիկ էին գիւղական քահանաներու եւ եկեղեցականներու վրայ գործածուածները: Գիւղ մը 150 հեծելազօր ռազմական շեփորով կը մտնէ եւ ժողովուրդին վրայ կը ծանրանայ, քահանայն եւ եկեղեցպանը կը ծեծուին եւ կը կապուին ( ԴԷՊ. 166): Ուրիշ գիւղ մը 22 եկեղեցպաններ միասին կը բանտարկուին, գրաւումը ստորագրել կը բռնադատուին, եւ երբ չեն հաւանիր, մտրակով կը ծեծուին, ցեխերու եւ ջուրերու մէջէն քալելով ճամբայ կը հանուին, գաւառապետին կը տարուին, գոմերու մէջ կը բանտարկուին, եւ մահուան սպառնալիքով կը տանջուին ու կը չարչարուին ( ԴԷՊ. 168): Ղամարլուի գիւղապետը երբոր երկար ու սաստիկ հարուածներ ընդունելէ ետքը, հարուածողի վրայ կը խոյանայ, գիւղացւոց վրայ հրացանաձգութիւն կը հրամայուի, եւ չորս դիակներ ու 25 վիրաւորներ գետին կը փռուին ( ԴԷՊ. 170): Ուրիշ գիւղի մը եկեղեցպանը եւ աւագը սաստիկ կը գանակոծուին` յօժարակամ եկեղեցին ու գոյքերը չյանձնելնուն համար, հեծեալներու առջեւէն կը վազցնեն եւ բռնի եկեղեցի մտնելով միայն 26 կոպեկ կը գտնեն ( ԴԷՊ. 172): Սոխումի շրջանակէն գիւղի մը եկեղեցիին առաստաղը բանալով կը մտնեն, եւ քահանան ու եկեղեցպանը ու աւագը ձերբակալելով դատարանի կը յանձնեն ( ԴԷՊ. 174): Նոյնը կը կատարեն Կարսի եւ Նուխիի եւ ուրիշ շատ շրջանակներու գիւղերուն մէջ. ամէն կողմ ծեծ, տանջանք, սպանութիւն, նոր օրէնքին անունով ( ԴԷՊ. 175): Սիւնեաց կողմեր եկեղեցպան մը ծեծի տակ կը մեռնի, քահանաներ կը բանտարկուին, եկեղեցիներ կը պղծուին, մինչեւ իսկ եկեղեցւոյ խորաններ եւ սեղաններ կը քանդուին, միշտ ծածկուած հարստութիւն ձեռք ձգելու նպատակով: Անհատնում է այս տեսակ դիպուածներու շարքը ( ԴԷՊ. 247-250), որոնք կարծես թէ պարսից խաների ժամանակէն հնութեան փոշիով ծածկուած գործերը վերականգնեցին ( ԴԷՊ. 101):

3030. ԲՌՆԱԿԱՆ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Ոչ միայն անակնկալ, այլեւ անհաւատալի ըլլալու չափ անսպասելի էր Կովկասի հայկական շարժումը: Եկեղեցական գոյից պահպանութիւնը նուիրակին եւ կրօնական զգացմանց լրումն էր, եւ կաթողիկոսական գահէն արձակուած հրահանգը ամէնքը կը յուզէր, ապա թէ ոչ հնար չէր միտքէ իսկ անցունել, որ Կովկասի խաղաղասէր հայը, եւ ռուսական պետութեան ներքեւ իր բարօրութիւնը գտած եւ իր փափաքին տիրացած ըլլալու գոհունակութիւնը զգացող հայը, այսչափ խստիւ եւ յայտնի եւ անկաշկանդ ծառանար ռուսական հրամանին դէմ, եւ ամէն կերպով ու զոհողութեամբ դիմադրէր նոյն իսկ զինեալ գունդերու եւ ահարկու խազախներու դէմ: Շարժումին բուն հիմը եւ դիմադրութեան մղող իսկական գրգիռը հայուն կրօնական զգացումն էր, կրօնամոլ երեւնալու չափ իր եկեղեցւոյն յարած եւ փարած զգացումը. զի հայը որչափ ալ դաւանութենէ դաւանութիւն անցնելու դիւրամէտ տեսնուի քրիստոնէութեան ընդարձակ եւ ազատամիտ ըմբռնմամբ, նոյնչափ ալ ամուր կը մնայ իր եկեղեցիին պաշտպանութեան երբ իրաւունքի խնդիր ներկայանայ: Հետեւաբար երբեք հայուն բնաւորութենէն օտար կամ ընթացքէն զարտուղի չէր Ռուսահայերուն մէջ արթնցած եռանդը եւ իր եկեղեցական ստացութիւններէն զրկուելուն դէմ զգացած զայրոյթը, եւ զայրոյթին եռանդի հետ խառնուելով յառաջ բերած ընդդիմութիւնը, որ կը յայտնուէր երբեմն զրկմանց հանդէպ յանձնառու համակերպութեամբ, եւ երբեմն բռնութեանց հանդէպ յախուռն դիմադրութեամբ, երկուքն ալ արիական եւ հաստատակամ համոզման հետեւանք: Սակայն եղան որ կարծեցին կամ հաւատացնել ջանացին թէ բոլորովին տարբեր եղած ըլլայ հայուն ընթացքը իբրեւ արդիւնք կուսակցական շարժումներու. մինչ կուսակցական ոգին անարգող է կրօնական զգացմանց, եւ կրօնական խնդիրներու հանդէպ անտարբեր կը մնայ, կրօնքն ու կրօնականութիւնն ու կրօնասիրութիւնը ծաղու առարկայ դարձնելու չափ: Ըսած ենք արդէն թէ կուսակցական շարժումը, եւ ի մասնաւորի դաշնակցականը, օսմանեան կառավարութեան ընթացքը եւ Տաճկահայերուն վիճակը իրեն նպատակ ունէր, եւ Ռուսիոյ մէջ հալածուած չէր, որով Ռուսահայոց մէջ բաւական ընդարձակուած էր, կուսակցականութիւնը այդ պարագայէն օգտուեցաւ, եւ եկեղեցական գոյից խնդիրը իր գործունէութեան ասպարէզ կազմեց, եւ շարժումը ուղղեց օրէնքին դէմ, եւ իրեն հետեւողները դիմադրութեան ասպարէզ հանեց, կարծես մարզանքի փորձեր ընելու գետին գտած ըլլար: Այսպէս միացան Ռուսահայոց մէջ եկեղեցական զգացումներն ու կուսակցական շարժումները, եւ դաշնակցական պետեր պարծանքի առիթ կազմեցին, իբրեւ թէ իրենք շարժած ըլլային ազգովին դիմադրութեան գաղափարը, իրենք պահած հաստատակամ յարատեւութիւնը, իրենք արգիլած նոր օրէնքին համակերպութիւնը, եւ իրենք ազատած կրօնքն ու եկեղեցին, իբր զի գնդակահար ըրեր են Վաղարշապատի գլխաւորներէն Սարգիս Փօթոյեանը, եւ Ղարատուղլու գիւղի Գարեգին քահանայն, եւ խեղդամահ ըրեր են Կորխ գիւղի Խաչատուր քահանայն, օրէնքին գործադրութեան համակերպելնուն համար ( ԴԷՊ. 252): Մինչեւ իսկ Խրիմեանն ալ մասնաւոր նամակի մէջ կը գրէր թէ բանի մը օգտակար եղած ըլլան այդ խենթուկ տղաները: Սակայն պատմական եղելութեանց հետեւելով դժուար չէ տեսնել, թէ կուսակցական ձեւով եւ ոգւով շարժումներէն քաղուած օգուտները, եթէ իրօք ալ եղան եկեղեցական յուզումին մէջ, աւելի մեծ եղան անոնցմէ յառաջ եկած վնասներն ու վտանգները: Եկեղեցւոյ պաշտպանութեան համար մղուած պայքարին, կորչի միապետութիւնը, կեցցէ հանրապետութիւնը աղաղակներուն խառնուիլը ( ԴԷՊ. 195, 196, 198), խնդիրը իր տեսակետէն խախտեց, եւ պաշտպանողական ձեւին յարձակողականի փոխարկուիլը գործին իսկութիւնը շփոթեց, հայ տարրին դէմ թաթարական տարրը զինելու պատճառանք կազմեց, եւ ազգային կորուստներու ու վնասներու առիթ ընծայեց, եւ դաշնակցական ոյժը իր մէջը ոչնչացուց, որ եթէ Ռուսահայոց մէջ աճելով Տաճկահայոց պիտի նպաստէր, Ռուսահայոց վրայ ալ, հալածանքներ, բանտարկութիւններ, աքսորանքներ, դատաստաններ եւ դատապարտութիւններ հրաւիրեց, եւ խաղաղ դիմադրութեան ձեռնարկը զինուած դիմադրութիւն եւ ապստամբութիւն կարծեցնել տուաւ ( ԴԷՊ. 204): Իրաւ դէմընդդէմ մրցումը ժամանակ անցնելով թուլցաւ եւ եղերական հետեւանքները նուազեցան, սակայն տեղական կառավարութեան միտքէն չջնջուեցաւ Հայոց հանդէպ կասկածոտ եւ զսպողական ընթացքը, որուն տեղի տրուած չէր ըլլար, եթէ կուսակցութիւնը գործի խառնուած չըլլար, կամ գոնէ խառնուած ատեն խնդիրին օտարոտի ձեւեր եւ պարագաներ չխառնէր: Տէրրոր (terreur) ըսուածը, որ է սպառնալիքով ահաբեկել, եւ գործադրութեամբ սպառնալիքը զօրացնել, զոր դաշնակցականութիւնը իբր պարծանք կ՚իւրացնէ ( ԴԷՊ. 251), չենք կարծեր որ եկեղեցական գոյից խնդիրը լուծելու իսկական փաստն եղած ըլլայ, մինչ ընդհակառակն Ռուսահայերը հալածանքի եւ նեղութեանց ենթարկուելուն իրական առիթը տուաւ: Գալիցին կառավարչապետին վրայ 1903 հոկտեմբեր 14-ին կատարուած դաշունահար մահափորձը ( ԴԷՊ. 253), Գալիցինը չկասեցուց իր բռնաւորական ձեռնարկներէն, եւ Անտրէէվ նահանգապետի ( ԴԷՊ. 258) եւ Բօգուսլովսքի գաւառապետին ( ԴԷՊ. 263) եւ Բըկով գնդապետին ( ԴԷՊ. 264), եւ ուրիշ քանի մը լրտեսներու սպաննութիւնները ( ԴԷՊ. 265) չնուազեցին անիրաւ պաշտօնեաներու թիւը, երբ աճեցուցին Ռուսահայոց վրայ կատարուած փորձանքներուն դէզը:

3031. ԴԻՄԱԴԱՐՁ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ

Երբ կուսակցական շարժումները Կովկասի մէջ խնդիրին իսկութիւնը կը խանգարէին, խաղաղ դիմադրութեան նախնական ձեւը խափանուած չէր բարձր շրջաններու եւ արտասահմանի շրջանակներու մէջ, եւ կը շարունակէր օրինական դիմումներով, համոզիչ յորդորակներով եւ ոգեւորեալ քաջալերութիւններով, որոնք ամէն կողմերէ կը հասնէին Խրիմեանի, որպէսզի տեղի չտայ եւ ոչ ալ տեղէն կամ պաշտօնէն հեռանայ, այլ կրաւորական եւ խաղաղ դիմադրութեամբ անեղծ պահէր սկզբունքն ու իրաւունքը: Նոր օրէնքին ազդած ցնցումը մինչեւ նոր աշխարհ հասած էր, եւ Ամերիկայի, Փրովիտէնս եւ Շիքակօ եւ Ուստր քաղաքներէ բողոքախառն քաջալերականներ կը հասնէին ( ԴԷՊ. 68-69), Պուլկարիա, Եգիպտոս, Պարսկաստան, Հնդկաստան իրենց ձայնը կը բարձրացնէին ( ԴԷՊ. 69-76), Թուրքիոյ եպիսկոպոսներ եւ առաջնորդներ Կ. Պոլիսէ յղուած գրութեան համերաշխութիւննին կը յայտարարէին, որոնք հետզհետէ Մայրաթոռ կը յղուէին, Կիլիկիոյ կաթողիկոս Խապայեան, Երուսաղէմի պատրիարք Վեհապետեան, նախորդ պատրիարք Իզմիրլեան ( ԴԷՊ. 86), իրենց հեղինակաւոր ձայնով Խրիմեանը կը սրտապնդէին. Օրմանեան շարունակեալ թղթակցութեամբ եղելութեանց ամէն մանրամասնութիւնները կը հաղորդէր ( ԴԷՊ. 106-112), Կ. Պոլիս գտնուող եպիսկոպոսներ Ռուսաց կայսեր մատուցած ուղերձին պատասխանը ուշանալուն եւ հետզհետէ բռնութեանց եւ բռնադատութեանց լուրեր հասնելուն վրայ, նոյեմբեր 12-ին երկրորդ ուղերձ մըն ալ կը յղէին կայսեր, որուն մէջ գործածուած բռնութեանց դէմ կը գանգատէին, թէ նոր կարգադրութիւնք պատիժք են յայտնապէս, եւ մի՞թէ մեղապարտ համարեցին մարդիկ, թէ ընդէր չառնուն յանձն անձամբ անձին ածել զպատիժն: Ուրիշ տեսութեամբ մըն ալ կը հաւաստէին թէ հայն կեցեալ է ցարդ միայն վասն կրօնից եւ վասն եկեղեցւոյ իւրոյ, եւ թէ նա սրբապղծութիւն համարի զամենայն ձեռնարկ ընդդէմ եկեղեցւոյ, եւ չի կրնար գործակցիլ սրբապղծութեան: Ուրիշ շատ փաստերով կը ջանան եպիսկոպոսներ կայսեր խիղճին եւ հաւատքին վրայ ազդել, որ դադարին օրէնքին գործադրութիւնը եւ գործադրութեան բռնութիւնները, զորս համառօտակի բայց համարձակ կը թուարկեն ( ԴԷՊ. 112-115): Կիլիկիոյ կաթողիկոսն եւ Երուսաղէմի պատրիարքն ալ կայսեր հասցէին մէկմէկ ուղերձ հասուցած էին պատրիարքին, զորս Օրմանեան գաղղիերէնի թարգմանելով կը յղէ հասցէին ( ԴԷՊ. 116) եւ արքունեաց նախարարը նոյեմբեր 26-ին եւ դեկտեմբեր 2-ին պաշտօնագիրներով Օրմանեանի կը հաղորդէր կայսեր ուղղուած բոլոր գիրերուն կայսեր յանձնուած ըլլալը ( ԴԷՊ. 127), բայց մխիթարական արդիւնք մը չէր լսուեր տակաւին, ընդհակառակն լրագրական տեղեկութիւն մը կը հաղորդէր թէ պատասխանը ժխտական է ( ԴԷՊ. 116). բայց կաթողիկոսն ալ կը հաւաստէր թէ եկեղեցական կալուածները չյանձնելու որոշումը վերջնական է իրենց կողմէ ( ԴԷՊ. 124): Ասոր հետ մէկտեղ կաթողիկոսը կը տեղեկացնէր, թէ որչափ ալ օրապահիկի միջոցներէ ալ զրկուած է աթոռը, սակայն ջերմեռանդ ազգայիններ սատար հանդիսացան եւ հանդիսանան, եւ միաբանութիւնն ու ճեմարանը չթողուն զուրկ յաւուր պարենէ եւ յանհրաժեշտ պիտոյից ( ԴԷՊ. 119): Միւս կողմէ Կ. Պոլիս կը յանձնարարէր թէ պէտք չէ կառավարութենէ դրամ ընդունիլ, եթէ տալ իսկ ուզուի ( ԴԷՊ. 117). կը յանձնարարէր եւս մէկ կամ երկու կարող անձեր ունենալ Պետրբուրգ, որ կարենան տեղեկանալ եւ տեղեկացնել կատարուած անցուդարձերը, եւ ծանօթութիւններ քաղել Պօլօժէնիէի մուծուելիք փոփոխութեանց վրայ, եւ թախանձանօք կը խնդրէ միտքէ հանել հրաժարելու կամ հեռանալու կամ աթոռ տեղափոխելու խորհուրդները ( ԴԷՊ. 121-124): Այս ցրիւ տեղեկութիւնները բաւական կը սեպենք Էջմիածնայ Մայրաթոռին վրայ տիրող տագնապին նկարագիրը գծելու առանց շատ մանրամասնութեանց մտնելու: Խրիմեան կաթողիկոս կացութեան սաստկանալը տեսնալով եւ անձամբ Պետրբուրգ երթալու արտօնութեան զլացուելուն վրայ, շատ ընդարձակ ( ԴԷՊ. 137-165) բացատրական գրութիւն պատրաստել կու տար, նոր օրէնքին տրամադրութեանց եւ հետեւանց, Հայ Եկեղեցւոյ իրաւանց եւ կանոնաց, եւ օրէնքին իբր պատճառ ցուցած ենթադրութեանց վրայ: Պարունակութիւնը վերագոյնդ գրաւած կամ քաղուած տեղեկութեանց համաձայն ըլլալուն, նորէն քաղել աւելորդ կը սեպենք: Բացատրական գիրը դեկտեմբեր 12 թուակիր նամակով մը կայսեր կը յղէր, խնդրելով նկատի առնել իր գիրը եւ յատուկ յանձնաժողով մը կազմել այդ գործին քննութեան համար, եւ իրեն ալ ձայն տալ նոյն ժողովին մէջ, որպէսզի արդարութիւն եւ ճշմարտութիւն երեւան գան եւ գայթակղութիւն ու տագնապ վերջ գտնան ( ԴԷՊ. 134-137): Սակայն այդ արդար խնդրանքն ալ նկատի չէր առնուեր, այնպէս որ 1903 սեպտեմբեր 2-ին Բագուի մէջ սկիզբ առած արձակ համարձակ դիմադրութեան տարեդարձին, 1904 սեպտեմբեր 2-ին կուսակցական մարմինը հայերը կը հրահրէր դիմադարձութեան վրայ հաստատուն մնալու ( ԴԷՊ. 198-200): Բայց տակաւին շուտով չվերջացաւ տագնապը, ինչքեր եւ կալուածներ գրաւելու համար թափուած հայու արիւնը, բողոքող զոհերը, դիմադարձ ըմբոստացումները գրեթէ տարի մը եւս շարունակեցին, ցորչափ Գալիցին իր պաշտօնին վրայ մնաց, եւ բռնութեամբ ժողովուրդը զսպելու եւ յուսադրութեամբ կառավարութիւնը խաբելու ձեռնարկը շարունակեց:

3032. ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՆ ՅԵՂԱՇՐՋՈՒՄ

Ռուսահայոց վրայ հասած տագնապին իբրեւ հեղինակ եւ գործադիր մատնանիշ եղած է Կովկասի կառավարչապետ Գալիցինը. սակայն նա չէր յաջողեր եթէ իրեն հովանաւոր եւ քաջալերող չունենար ներքին գործոց նախարար Պլէվէն, որ ոչ միայն կայսեր վրայ կ՚ազդէր պէտք եղած հրամանները արձակել տալու, այլեւ Գալիցինը կը պաշտպանէր եւ բուռն հրահանգներով կը զինէր: Այդ կէտը վստահօրէն կրնանք շեշտել, դիտելով որ Ռուսիոյ կայսերական եւ կառավարական շրջանակներուն տեսութիւնները փոխուեցան Պլէվէի մահուամբը, որ տեղի կ՚ունենար 1904-ի վերջին օրերը: Իրեն յաջորդող Սվիաթօբոլսք-Միրսքի իշխանին առաջին գործերէն մին կ՚ըլլար Գալիցինը պաշտօնէն հեռացնել (05. ԲԻԶ. 2529), եւ Կովկասը առժամաբար յանձնել օգնական Մալամա զօրավարին, մինչեւ նոր կառավարչապետի ընտրութիւնը: Պարզեան Սուքիաս եպիսկոպոս եւ վարդապետներէն բաւական թուով Գալիցինի հրամանով Ռուսիոյ ներսերը աքսորուած էին, իբր Մայրաթոռոյ դիմադրութիւնը զսպելու միջոց, Մայրաթոռը կը մնար ամէն միջոցներէ զուրկ, եւ բարեպաշտներու նպաստներուն կարօտ, ալեւորեալ ու տկար ու հիւանդագին կաթողիկոսը տագնապներու ներքեւ կ՚ընկճուէր, ներքին բարեկարգ ընթացքին օճանները կը պակսէին, սակայն դիմադարձ ուղղութիւնը միշտ միեւնոյն կերպով կը շարունակէր. եւ այդ ձախող ընթացքը, ո'վ գիտէ, մինչեւ ե՞րբ պիտի տեւէր եթէ Պլէվէ ապրէր եւ Գալիցին իշխէր. բայց այս երկուքին հրապարակէն պակսելը առիթ ընծայեց խաղաղական դիմադարձութեան նոր շրջան մը սկսելու, որուն առաջին նշանը Կ. Պոլիսէ տրուեցաւ, եւ 1905 յունուար 2-ին Օրմանեան նոր դիմում մը ըրաւ Ռուսիոյ կայսեր (05. ԲԻԶ. 2544), առիթ առնելով Վանայ վանքերուն Կովկասի մէջ ունեցած հասոյթներուն ալ գրաւուիլը (05. ԲԻԶ. 2529), եւ կրկնելով ընդհանրապէս նոր օրէնքին դադարման մասին կանխաւ եղած դիմումները 3027): Կայսերական արքունեաց նախարարը 12-ին կը պատասխանէր եւ բոլոր գրութեանց յանձնուած ըլլալը կը ծանուցանէր (05. ԲԻԶ. 2545): Յուսադրական էր պատասխանը եւ կառավարական տեսութեանց մէջ յեղաշրջումի նշանն էր. զի Մալամա ալ եթէ օրէնքը Տփղիսէ խախտել չէր կրնար, գոնէ ուղղակի Տփղիսէ բխած կարգադրութիւններ կը մեղմէր եւ աքսորուած միաբաններուն հետզհետէ դառնալը կը ներէր (05. ԲԻԶ. 2549): Խրիմեան ալ նոր ոգեւորութիւն կը զգենուր եւ նոր յիշատակագիրի մը հետ պատգամաւորներ ալ կը յղէր Պետրբուրգ տեղեկութիւն քաղելու եւ բացատրութիւն տալու, եւ այդ յանձնարարութեամբ ճամբայ կը հանէր Խուտավերտեան Ներսէս եպիսկոպոսը` իբր աթոռական գործոց հմուտ եւ վարժ, եւ Տէր-Մովսիսեան Մեսրոպ վարդապետը` իբր Ռուսիոյ համալսարանական եւ լեզուին քաջահմուտ, որոնք Պետրբուրգ հասնելով ներքին գործոց նախարարը փոխուած եւ Պուլիկինը պաշտօնի անցած կը գտնէին, Սվիաթօբոլսքէն ոչ նուազ նպաստաւոր անձնաւորութիւն մը (05. ԲԻԶ. 2564): Նպաստաւոր յեղաշրջման հիմ կը կազմէր 1903 փետրուար 16-ի հրովարտակը, որով պաշտօնական անձեր կը հրաւիրուէին կառավարական բարւոքման եւ բարգաւաճման համար ներկայել իրենց դիտողութիւնները ծրագիրների կատարման կարգի մասին, եւ այդ ծրագիրներուն մէջ կը մտնէր նաեւ բոլոր այլակրօն եւ այլադաւան հպատակների ազատութիւնը, դաւանելու իրենց կրօնը եւ կատարելու իրենց ծէսերն ըստ կրօնի (03. ԱՐՐ. 292-293): Այդ ժամանակները սկսած էր եւ կը շարունակէր 1904 յունուար 27-ին Ճաբոնի դէմ հրատարակուած պատերազմը (04. ԱՐՐ. 195), եւ զէնքի բախտը նպաստաւոր չէր դառնար Ռուսներուն, ինչ որ կը գայթակղեցնէր եւ կը զայրացնէր նոյն իսկ միամիտ ժողովուրդը, տեսնելով ոչ-քրիստոնեայ ազգի մը քրիստոնէին վրայ զօրանալը, եւ կառավարութիւնը կը ստիպէր ժողովուրդէն հեռացնելու քրիստոնեաները վշտացնող եւ միտքերը վրդովող պարագաները, եւ մեղմօրինակ ընթացքով մը տէրութեան համակիր եւ կառավարութեան համերաշխ պահելու իր ամէն դասակարգերը եւ ամէն ազգութիւնները: Որչափ ալ Ռուսիոյ կառավարական շրջանակներու մէջ բարեմտութեան զօրանալը ենթադրենք, չենք կրնար չխոստովանիլ թէ կառավարութեան մը, մանաւանդ զինքն ամենիմաստ եւ ամենակարող ըմբռնող կառավարութեան մը համար, դիւրին չէր որոշումէն ետ դառնալ, վճռածը ջնջել, սխալած ըլլալը ընդունիլ, մտաւորական երկունքի մը հոգեկան ցաւերը յանձն առնուլ: Այդ փորձէն անցան Հայ եկեղեցւոյ գոյից եւ կալուածոց համար 1903-ին, եւ Հայ դպրոցներու համար 1898-ին տրուած գրաւման հրամանները: Յատուկ յանձնաժողով մը կազմուեցաւ ներքին գործոց նախարարութեան մէջ, որուն մասին փետրուարի վերջերը լսուեցաւ թէ դրուած օրէնքները անփոփոխելէ պահել կը խորհի (05. ԲԻԶ. 2570). սակայն շուտով վրայ հասաւ Կովկասի կառավարչապետութեան փոխարքայական վերածուիլը եւ Իլարիոն Վորոնցով-Տաշկով կոմսին մարտ 8-ին այդ պաշտօնին անուանուիլը, որ կը յիշեցնէր Կովկասի մէջ պաշտելի ըլլալու չափ սիրուած նախկին Վորոնցովի անունը, որուն թոռն ալ էր Տաշկովի ամուսինը (05. ԲԻԶ. 2580), եւ միեւնոյն ատեն կը լսուէր թէ Հայոց գործն ալ նոյն փոխարքային յանձնուած է (05. ԲԻԶ. 2588): Պետրբուրգ գտնուող պատգամաւորները այս անգամ սկսան Վորոնցովի հետ բանակցիլ, եւ յուսադրական եւ քաջալերական պատասխաններ ընդունիլ, ինչպէս Խիւտավերտեան մարտ 28-ին Խրիմեանի կը հեռագրէր (05. ԲԻԶ. 2592). բայց դարձեալ վերջնական որոշումը կը յապաղէր զի պէտք էր սովորական ձեւակերպութիւնները լրացնել եւ արդարացուցիչ հանգամանքները պատրաստել, որչափ ալ խոստումներ եւ յուսադրութիւններ օրէօր կը զօրանային եւ կը վկայուէին, որոնց արձագանգ կ՚ըլլար նոյն իսկ Լազարեան իշխանազունը (05. ԲԻԶ. 2605): Տփղիսի քաղաքային ժողովն ալ պաշտօնապէս դիմում կը կատարէր Հայոց ի նպաստ (05. ԲԻԶ. 2614), ռուսական հեղինակաւոր լրագիրներն ալ, որ երբեմն Հայերու հակառակ հրատարակութիւններ ըրած էին, այս անգամ ստիպողական կը հռչակէին Հայերը օր առաջ գոհացնել (05. ԲԻԶ. 2608): Այս նպատակով փոխարքային հասնելէն ետքը յատուկ յանձնաժողով մը կազմուիլը կը խօսուէր (05. ԲԻԶ. 2635), միւս կողմէ կը հրատարակուէր թէ վերցուած է Տաճկահայ եպիսկոպոսներուն համար Էջմիածին գալու արգելքը որ Գալիցինէ գրուած էր, եւ Հայ եկեղեցականներուն դատարանական արտօնութիւններէ զրկուելուն բարձր հրամանը (05. ԲԻԶ. 2637): Վերջապէս Վորոնցով Տփղիս հասաւ մայիս 5-ին, Հայերը խանդավառութեամբ ընդունելութիւն ըրին սպասուած յաջողութիւնը իբր լրացած նկատելով, կաթողիկոսին կողմէ յատուկ պատգամաւորութիւն մը եկած էր Էջմիածինէ փոխարքան ընդունելու, որ փոխադարձաբար նոյն իսկ հասած օրը Օրթոտոքս եկեղեցին ուխտ ընելէ ետքը, Հայոց Մայրեկեղեցին ալ կու գար ուխտ կատարելու (05. ԲԻԶ. 2638): Վորոնցով շուտով պաշտօնական քննութիւն բացաւ, տեղեկութիւններ հաւաքեց, եւ որչափ ալ բարձրագոյն հաճութիւնը կանխաւ ստացած էր, ձեւակերպութիւններն ալ զանց ընել հնար չէր, եւ մայիս 29-ին տակաւին գործը անորոշ կ՚ըսուէր (05. ԲԻԶ. 2681). սակայն յունիս 25-ին, կաթողիկոսին անձամբ կատարած բարեգալստեան այցելութեան առթիւ, փոխարքան կը յայտնէ թէ ձեր այս խնդիրը պիտի կատարուի (05. ԲԻԶ. 2683), ինչ որ ենթադրել կու տայ թէ նա արդէն պէտք եղած պաշտօնագիրը յղած էր Պետրբուրգ, որ ըստ այնմ հրովարտակը պատրաստուի:

3033. ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՎԵՐՋԱՆԱԼԸ

Յունիս 25-ի աւետիսը սիրտերը հանդարտեցուցեր էր. Պետրբուրգէ դարձող Տէր-Մովսիսեան ալ վստահութիւն ներշնչող տեղեկութիւններ բերած էր կաթողիկոսին, բայց ամիս մը եւս կ՚անցնէր եւ սպասուած պաշտօնական հրովարտակը դեռ չէր երեւնար: Խրիմեան, Վորոնցովի տուած այցելութենէն ետքը, Պօրժօմի ամարանոցը մեկնած էր իր վտանգեալ առողջութիւնը կազդուրելու: Յուլիս 24-ին Տփղիս դարձաւ Միքայէլի որդի Նիկողայոս մեծ դուքսը ողջունելու, եւ քանի մը օրեր եւս Տփղիս դեգերելով Էջմիածին դառնալու: Օգոստոս 2-ին երկուշաբթի օր, կէս յուսախաբ, այլ ոչ յուսաբեկ, փոխարքայական ապարանքը այցելութեան գնաց` կոմսին եւ կոմսուհւոյն հրաժեշտի ողջոյնը տալու: Երբոր խօսքը նորէն դպրոցներու եւ կալուածներու խնդիրներուն շուրջը կը դառնար, եւ կաթողիկոս իր սովորական ակնկալութիւններն ու բացատրութիւնները խօսելու կ՚ըլլար, Վորոնցով խօսքը ընդհատելով կ՚աւետէ թէ թագաւոր-կայսրը, համաձայն կաթողիկոսի խնդրանքին եւ իր տեղեկագիրին, բարեհաճեցաւ նպաստաւոր միտքով վճռել Հայոց եկեղեցական կալուածներուն վերադարձման եւ հայ դպրոցներու վերաբացման խնդիրը (05. ԲԻԶ. 2714). իրօք ալ նախորդ օր օգոստոս 1-ին ստորագրուած էր բարձրագոյն հրամանը վարիչ ծերակոյտին ուղղուած (05. ԲԻԶ. 2713): Խրիմեան ախորժելի եւ մխիթարական անակնկալի դիմաց կը գտնուէր. իսկոյն օրհնական բերանը կը բանայ կայսեր եւ կայսրութեան համար, ամէն մաղթանքներ եւ եռանդուն շնորհալիքներ կը խօսի, եւ վստահութիւն ստանալով, անմիջապէս առաջնորդարան կը դառնայ եւ հեռագիրներ կը պատրաստէ սինոդին, Կիլիկիոյ կաթողիկոսին, Երուսաղէմի եւ Կ. Պոլսոյ պատրիարքներուն, Ռուսահայոց եւ Պարսկահայոց առաջնորդներուն, գլխաւոր վանահայրերուն եւ կարեւոր քաղաքներուն, զորս նոյն երեկոյ եւ յաջորդ առտու հետզհետէ կը յղէ: Կ. Պոլիս ուղղուած հեռագիրը օգոստոս 3-ի երեկոյին հասնելուն, փոխանակ Գումգաբուի պատրիարքարան տարուելու, Բերայի կայարանէն Բերայի պատրիարքին տունը յանձնուած էր, զոր նա հոն պատրաստ կը գտնէր, երբոր ուշ ատեն տուն կը դառնար, եւ նոյն գիշեր ու յաջորդ առտու աւետիսը բոլոր կարեւոր անձանց կը հասցնէր: Աւելորդ է Օրմանեանի զգացած մխիթարութեան մասին առանձինն խօսիլ, զի ամէնքը ծանօթ էին անոր երկու տարիէ ի վեր շարունակեալ անձնական եւ հաւաքական ջանքերուն, դիմումներուն, ձեռնարկներուն, եւ բերանացի ու գրաւոր յոգնութիւններուն (03. ԲԻԶ. 2708): Բովանդակ հայութեան մէջ ալ մեծ եղաւ խնդութիւնը, որչափ մեծ եկած էր երկու տարի առաջ զգացուած տխրութիւնը, որուն հաւաստիքն են ոչ միայն Ռուսիոյ բոլոր քաղաքներուն ու գիւղաքաղաքներուն ու գիւղերուն մէջ կատարուած տօնական հանդէսները, այլեւ ամէն կողմերէ տեղացող հարիւրաւոր հեռագիրները, ամէնն ալ սիրտի եռանդուն զեղուածներով լեցուն: Կաթողիկոսը շրջաբերականով հրամայած էր առաջիկայ օգոստոս 7-ին Աստուածածնայ բարեկենդանի կիրակի օրը, գոհաբանական մաղթանքներ կատարել Ռուսիոյ եկեղեցիներուն մէջ. Տփղիս ինքն նախագահեց վանքի Մայրեկեղեցւոյ բակը կատարուած մաղթանքին, ուր մօտ 20. 000 բազմութիւն էր հաւաքուած. Էջմիածնի մէջ ալ տեղապահ Արիստակէս Դաւթեան եպիսկոպոսի գլխաւորութեամբ, եւ ամէն տեղ նմանօրինակ մաղթանքներ եւ շքեղ հանդիսութիւններ կատարուեցան: Խրիմեան օգոստոս 8-ին Տփղիսէ մեկնեցաւ, Ղարաքիլիսա գիշերեց եւ օր մը հանգստացաւ, եւ 10-ին մտաւ Աղեքսանդրապոլ, որտեղ անցուց 13-ին Շողակաթի եւ 14-ին Վերափոխման տօները, եւ 15-ին Էջմիածին մտաւ եռանդուն ցոյցերով եւ հանդիսական շքեղութեամբ (05. ԱՐՐ. 799-803): Տփղիսէ չելած Խրիմեան երախտագիտական հեռագիրներ ուղղած էր կայսեր ի Պետրբուրգ եւ փոխարքային Կիսլովոտսկ, որոնց պատասխաններուն մէջ կայսրը կը շեշտէր, Աստուած իմաստնացնի հայ հօտը արդարացնելու իմ նրան ցոյց տուած վստահութիւնը, եւ փոխարքայն կը յիշեցնէ թէ վստահ է որ Կովկասի հայերը կը կարողանան իրենց հաւատարիմ հպատակութեամբ ապացուցանել թէ որքան շնորհապարտ են: Տփղիսի մեծամեծներն ալ առանձին հեռագրով իրենց շնորհապարտ իղձերը յայտնած էին փոխարքային (05. ԱՐՐ. 767-772): Խրիմեան միեւնոյն օգոստոս 7-ին շրջաբերական աւետաւոր կոնդակ մը ուղղած էր ամբողջ հայութեան, յանուանէ յիշելով Սահակ կաթողիկոսը եւ Յարութիւն ու Մաղաքիա պատրիարքները (05. ԱՐՐ. 773-776): Այսպէս կը լրանար Ռուսահայոց եւ ամենայն Հայոց երկարատեւ տագնապին շրջանը, եւ խնդութեան եւ խնդակցութեան զգացումներ կը յայտնուէին աշխարհիս մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը, ուրուրեք որ կը գտնուէին ցրուեալ ու վայրավատին հայութեան մէկ անդամը: Հայութեան զգացած ուրախութիւնը հայութենէ դուրս ալ կը տարածուէր. զի բովանդակ ազգերու վրայ տխուր տպաւորութիւն թողած էր Ռուսիոյ ընդգրկած Պլէվէեան ուղղութիւնը եւ Գալիցինեան գործունէութիւնը: Ռուսաստան ինքն ալ նոյն օրեր դժուարին տագնապներէն կ՚անցնէր, Ճաբոնական պատերազմին ձախողութիւնը եւ ժողովրդական ներքին յուզումները շատ մօտէն հետեւած էին Հայոց դէմ ձեռք առնուած խստութեանց, եւ կարծես թէ Հայոց հանդէպ ցուցուած արդարակորով հատուցումը բարեգուշակ կ՚ըլլար բովանդակ ռուսական կայսրութեան. զի նոյն օրեր, օգոստոս 6-ին հրապարակուեցաւ ժողովրդական ազատութեանց խոստմնալից հրովարտակը (05. ԱՐՐ. 763-766), եւ օգոստոս 17-ին կը կնքուէր Ճաբոնի եւ Ռուսիոյ միջեւ Բօրթսմութի հաշտութեան դաշնագիրը, Ամերիկոյ նախագահ Ռուզվէլթի միջնորդութեամբ, եւ Ռուսիոյ կողմէ տուգանք չվճարելու եւ միայն Սախալին կղզիին կէսը թողլու նպաստաւոր պայմաններով (05. ԲԻԶ. 2718):

3034. ՊԱՇՏՕՆԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Օգոստոս 1-ին բարձրագոյն հրամանագիրը, ռուսերէն կոչմամբ ուքազը, իբրեւ հիմ կ՚ընդունի թէ վերջին կարգադրութիւններ արգելք էին լինում հայ ազգաբնակութեան կանոնաւոր եւ խաղաղ զարգացման, եւ թէ թիւրիմացութիւններ յառաջ կու գային վերջին գոյութիւն ունեցող օրէնսդրութեան թերութիւնից. ծանր խոստովանութիւններ, որոնք լիովին կ՚արդարացնեն Մայրաթոռին եւ ռուսահայ ժողովուրդին հաստատամիտ դիմադարձութիւնը: Իսկ իբր հրամանին նպատակ կ՚ընդունի Հայ-Լուսաւորչական հոգեւորականութեան անհրաժեշտ գործունէութեան ընդարձակ միջոցներ շնորհել ժողովուրդի լուսաւորութեան համար, ինչ որ եղած էր հայութեան ալ մշտնջենական պահանջը, որ այս կերպով իր գոհացումը կը գտնէր: Հայոց կրած տագնապը սկիզբն առած էր ազգային դպրոցները ազգային իշխանութեան ձեռքէն հանելով պետական իշխանութեանց յանձնելու որոշումէն: Առաջին քայլը առնուեցաւ դպրոցներու վարչութիւնն ու ծրագիրը ձեռք առնելու հրամանով, իսկ այդ հրամանը զօրացնելու համար դպրոցներու հասոյթներուն ու մատակարարութեան վրայ ձեռք դրուեցաւ 1898 մարտ 26-ի օրէնքով, եւ երբ հասոյթներուն եկեղեցւոյ եւ ոչ դպրոցի սեփականութիւն ըլլալը դատաստանով հաստատուեցաւ, եկեղեցիներու եւ բոլոր հոգեւորական հաստատութեանց կալուածներուն եւ հասոյթներուն գրաւումը օրինադրուեցաւ 1903 յունիս 12-ի օրէնքով, ուսկից ծագեցաւ մեծագոյն տագնապը 3025): Ուստի կրնանք ըսել թէ եկեղեցական կալուածոց գրաւումը օրէնքին իսկապէս նպատակը չէր, այլ միջոց էր դպրոցական օրէնքին գործադրութիւնը ապահովելու, ուսկից կը հետեւի օգոստոս 1-ի հրամանագիրին իբր հիմնական տրամադրութիւն նկատելը ազգային դպրոցներուն վարչութեան` 1894 յուլիս 19-ի օրէնքին վերադառնալը, որ է ըսել Գէորգ կաթողիկոսի օրով հաստատուած դրութեան վերահաստատուիլը, որով ըստ ինքեան կոչնչանան եւ չեղեալ կը դառնան 1898-ի եւ 1903-ի օրէնքները, որոնք իբրեւ թերի եւ իբրեւ վնասակար վկայուած են նոր հրամանագիրին մէջ: Այս նոր պաշտօնագիրին պարունակութիւնը վերլուծած ատեննիս կը գտնենք եւս մաս մը կարգադրութիւններ որոնք անմիջապէս պիտի կարգադրուին, եւ մաս մըն ալ որոնք պիտի ուսումնասիրուին առաջիկային օրէնք դառնալու համար: Առաջիններն են. 1. Դպրոցներուն վարչութիւնն ու մատակարարութիւնը յանձնել ազգային հոգեւոր իշխանութեան. 2. Նոր դպրոցներու բացումը արտօնելու իրաւունքը յանձնել փոխարքայութեան. 3. Վերադարձնել բոլոր գրաւեալ կալուածներն ու հասոյթները ու գոյքերը. 4. Ներքին գործոց եւ արքունական կալուածոց նախարարներուն հետ հաշիւները կարգադրել, ճշդելով եղած գանձումները ու զեղչելով կալուածոց վրայ ծախքերը, դպրոցաց եւ եկեղեցեաց եւ ուրիշ հաստատութեանց համար վճարուածները եւ գրաւմանց առթիւ եղած ծախքերը. 5. Ներքին գործոց եւ պետական կալուածոց եւ հանրային կրթութեան նախարարութեանց ձեռք քաշել տալ Հայ եկեղեցեաց եւ դպրոցաց գործերէն, եւ պետական գործերը յանձնել փոխարքայութեան. 6. Ամէն միջանկեալ խնդիրներ եւ խնդիրի առիթ տուող պարագաներ ենթարկել փոխարքայութեան որոշման: Իսկ ուսումնասիրուելիք եւ պատրաստուելիք գործերն են. 1. Հայոց եկեղեցական նախնական դպրոցներու կանոնադրութիւն. 2. Հայ Եկեղեցւոյ ստացուածոց մատակարարութեան կանոնադրութիւն. 3. Հայ Եկեղեցւոյ պատկանող հողերու վրայ հաստատուած բնակութեանց համար կանոնադրութիւն, որ է ըսել աթոռապատկան գիւղերու տուրքերուն եւ յարաբերութեանց մասին կանոններ (05. ԱՐՐ. 585 եւ 05. ԲԻԶ. 2713-2714): Այդ նախատեսեալ կանոնադրութիւնները պէտք էր որ կայսերական հաստատութեամբ օրէնքի կարգ անցնէին. սակայն մինչեւ այն ատեն հնար չէր գործերը առկախ թողուլ, ուստի մասնաւոր կանոններ սկսան հրատարակուիլ փոխարքայութեան հեղինակութեամբ: Առաջինը եղաւ եկեղեցական գոյքերու եւ հոգեւոր դպրոցներու եւ վանքապատկան կալուածներու մատակարարութեան հրահանգը, որուն մէջ ընդունուած է ծիսականներու ընդհանուր ժողովի գրութիւնը, որ հոգաբարձութիւններ պիտի ընտրէ, որոնք պիտի գործեն թեմակալի հաստատութեամբ եւ գլխաւորութեամբ. միայն դպրանոցներու հոգաբարձութիւնները կաթողիկոսէ պիտի հաստատուին (05. ԱՐՐ. 788-790): Այդ հրամանին համաձայն Խրիմեան կաթողիկոս սեպտեմբեր 16-ին շրջաբերական կոնդակ մը յղեց Կովկասի թեմակալ առաջնորդներուն թէ ի'նչ ձեւով պիտի կատարուին ընտրութիւնները, եւ ի'նչ են հոգաբարձութիւններուն գործերը, եւ թեմակալներուն իրաւունքները (05. ԱՐՐ. 863-864): Յատուկ հրահանգ մըն ալ հրատարակեց փոխարքայն նոյեմբեր 4-ին թէ ի'նչ ձեւակերպութիւններ եւ պայմաններ պիտի գործադրուին գրաւեալ սեփականութիւնները վերադարձնելու գործողութեանց մէջ, մանրամասնելով բոլոր նախատեսելի գլխաւոր պարագաներ, եւ իւրաքանչիւրին պէտք եղած բացատրութիւնները աւելցնելով (05. ԱՐՐ. 1045-1051): Այսպէս հետզհետէ օրինական եւ կանոնաւոր ձեւ կը ստանային հոգեւորական եւ կրօնական գործոց խանգարուած կարգերը. զի թէպէտ 1903-է 1905 երկամեային մէջ Կովկասի կառավարչապետութիւնը ջանացած էր իր յղացած գրութիւնը օրինաւոր իրականութեան վերածել, եւ կովկասաբնակ հայութիւնն ալ մինչեւ աստիճան մը համակերպութեան բռնադատած էր. սակայն երկու կողմերն ալ չէին կամեցած փոխադարձ համերաշխութեան յանգիլ, առանց որոյ անհնար էր որեւէ խաղաղ կացութիւն գոյացնել: Ռուսահայոց եկեղեցական կալուածներուն վերաբերեալ տեղեկութիւնները փակելու առթիւ հարկ կը տեսնենք յետահայեաց ակնարկ մը նետել գործերու կապակցութեան, եւ պատճառին ու արդիւնքին յարաբերութեանց վրայ: Երբոր կայսերական հրամանագիրն ալ կ՚ընդունի 1903-ի կարգադրութեան թերի եւ վնասաբեր եղած ըլլալը, երբոր ռուսական հանրային կարծիքը եւ իրեն թարգման կանգնող լրագրութիւնը յայտնապէս կը պախարակէ Պլէվէեան ուղղութիւնը եւ Գալիցինեան գործունէութիւնը, երբոր Կ. Պոլսոյ ռուսական դեսպանութիւնն ալ պատրիարքին հետ պաշտօնական խօսակցութեանց մէջ համարձակ կը մեղադրէ բոլոր եղածները, մեզի ալ ներեալ կը սեպենք անկաշկանդ կերպով եզրակացնել, թէ ապօրէն եւ անկանոն գործերը իրենց մէջ կը պարունակեն իրենց անյաջողութիւնը եւ իրենց կը պարտին իրենց ապարդիւն վախճանը: Ասոր հետ մէկտեղ անհնար է չճանչնալ որ Մայրաթոռին եւ Ռուսիոյ հայաբնակութեան եւ ընդհանուր հայութեան հաստատուն եւ յամառ դիմադարձութիւնը իրենց նշանակութիւնն ունեցան տարօրինակ կարգադրութիւնները ձախողուածի մատնելու մէջ: Բայց դիմադարձութիւն ըսելով կ՚իմանանք խաղաղական եւ կրաւորական ընդդիմութիւնը, եւ ոչ կուսակցական բուռն եւ զինեալ դիմադրութիւնը, որ թաթարական խնդիրին ծագում էր տուած եւ երկիրը ընտանի պայքարի մատնած: Սակայն այս ալ 1905 փետրուարին վերջացած էր, երբ երկու կողմեր եկեղեցիներում եւ մզկիթներում հանդիսապէս ուխտեցին առ միմեանս մնալ սիրով եւ խաղաղութեամբ եւ վստահութեամբ, եւ յունիս 15-ին Հայոց կաթողիկոսը եւ Կովկասու Շէյխիւլիսլամը զոյգ ստորագրութեամբ շրջաբերական հեռագիր յղեցին Էջմիածինէ փոխադարձ սէր եւ հաշտութիւն, վստահութիւն եւ խաղաղութիւն յանձնարարելով (05. ԱՐՐ. 523), որ է ըսել, թէ Վորոնցով-Տաշքով փոխարքային խաղաղագործ պաշտօնավարութենէն առաջ ամբոխավար դիմադրութիւնը կորուսած էր իր ոյժն ու գոյութիւնն իսկ, եւ ձեռք ձգուած յաջողութիւնը արդիւնք էր տակաւին տեւող խաղաղական եւ կրաւորական ընդդիմութեան: Եթէ այդ շարժումներէն հետեւանք մը մնաց, այն ձախող գաղափարն եղաւ զոր ռուսական կառավարութիւնը իր միտքէն չհանեց կուսակցական կազմութեան եւ գործունէութեան վրայ, որոնք առաջիկային յայտնի հալածանքներու եւ խիստ դատաստաններու նիւթ կազմեցին: Այդ զգացմամբ էր որ Կ. Պոլսոյ եպիսկոպոսները 1905 սեպտեմբեր 5-ին հանրագիր թուղթով Խրիմեան կաթողիկոսի կը դիմէին եւ պատրիարքն ալ առանձին նամակով զայն ուշադրութեան կը յանձնէր, որպէսզի հաճի նա իր բարձր հեղինակութեամբ խրատել յախուռն գործիչները, եւ արգիլել խառնակութիւններ յուզելէ, որոնցմով հայութիւնն սկսեր էր նկատուիլ իբր վոհմակ դաւաճան սրիկայից կամ երամս անգիտակից տխմարաց: Այս առթիւ պատրիարքը կը յիշէր Զմիւռնիոյ մէջ գտնուած զէնքերուն եւ հրանիւթներուն համար հարիւրաւորներու ձերբակալուիլը, եւ Աթէնքի մատուռին մէջ գտնուած հրանիւթներու համար բաւական Հայերու հելլենական դատարանին մատնուիլը, եւ յուլիս 5-ին Աբիկ Ունճեան բարերարին դաւաճանութեամբ սպանուիլը ( ՆՄԿ. ):

3035. ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ԿՏԱԿ

Պատմական եղելութիւնները մինչեւ իրենց լուծումը շարունակելու յարմարութիւնը, եւ եղելութեանց շարունակութեամբ անոնց ներքին կապերը լուսաբանելու փափաքը, մեզ ստիպեց եւ կը ստիպէ ժամանակագրական ճշդապահութենէ հրաժարիլ, եւ ստէպ ետեւ դառնալով ուրիշ եղելութիւն մը ձեռք առնել: Այս դիտողութիւնը յաճախ կը կրկնենք, որպէսզի կանխաւ ինքզինքնիս արդարացուցած ըլլանք անոնց առջեւ, որ կրնան մեր պատմութեան ժամանակագրական անճշդութիւնները քննադատել: Առաջիկային ուրիշ ընդարձակ խնդիրով մըն ալ զբաղիլ պարտաւորուած ըլլալով, դեռ անոր չմտած կղզիացեալ դէպք մը յիշենք, որ կարեւորութենէ զուրկ չէ ազգային ընդհանուր օգուտի տեսակէտէն: Գարակէօզեան հինգ եղբայրներ որոշած էին 1874-ին իրենց վաղամեռիկ եղբօր Բիւզանդի ժառանգութենէն հրաժարիլ, եւ անոր թողօնը ամբողջապէս վաճառականական վարժարանի մը հիմնարկութեան յատկացնել, եւ Ներսէս պատրիարք պաշտօնական ձեւակերպութիւնները կատարած, եւ Թաքսիմի դադարեալ գերեզմաննոցին մէջ վարժարանը շինելու կայսերական արտօնութիւնը ստացած էր նոյն 1874 տարին: Սակայն մտադրութեան գործադրութիւնը խափանուած էր Գարակէօզեաններէն Կարապետի մահուամբը, որ գործին հոգին էր 2849): Քիչ ետքը Նազարէթ ալ կը վախճանէր, եւ կենդանի մնացողներէն որչափ եւ Տիգրան գործադրութեան կ՚աշխատէր, նոյնչափ Գրիգոր եւ Յովսէփ գործադրութենէ կը խուսափէին. եւ այսպէս անցան շատ տարիներ, այնպէս որ Գարակէօզեան կտակի խօսքը յառակս դարձած էր ազգին մէջ, թէպէտ իսկութեամբ կտակ չէր, այլ ժառանգութեան մը մասին ժառանգորդներու տրամադրութիւնն էր, որոնք տէր կը մնային իրենց կամքին: Տիգրան Գարակէօզեան, նախնական մտադրութեան վրայ հաստատուն, ուզած էր գործը իսկական կտակի վերածել իր կողմէն, եւ ինքնագիր կտակ մը պատրաստած եւ իբր գաղտնիք յանձնած էր Յակոբ Յակոբեան փաստաբանին, որ միայն Տիգրանի 1896 յունուար 11-ին դաւաճան գնդակին զոհ երթալուն առթիւ մէջտեղ կը հանէր եւ կտակագիրը Իզմիրլեան պատրիարքին կը յանձնէր 2987): Կտակը պարզ ու փոքրագիր թերթ մըն էր, առանց որեւէ պաշտօնական հանգամանքի 1891-ին պատրաստուած: Տիգրան այս կտակով, իր մահուան նախորդ ամսավերջի հաշուեփակի հիմամբ, իր սեփական հարստութեան մէկ երրորդը կը թողուր վաճառականական վարժարանի մը կառուցման եւ պահպանութեան, վերանորոգելով Բիւզանդի թողօնին մասին յղացուած գաղափարը: Այս մասին մէջ ալ թերի էր կտակային տրամադրութիւնը, զի ոչ իր հարստութեան քանակը գոնէ վերիվերոյ որոշած էր, ոչ գումարը ուրկէ քաղուելիքը ցուցած էր, ոչ ալ կտակակատար նշանակած էր: Գրիգոր Կ. Պոլիսէ բացակայ էր Տիգրանի մահուան ատեն, եւ բանակցութիւնն ալ պէտք էր անոր հետ ըլլար, իբրեւ մեծահարուստ եւ ամուրի, ինչպէս էր եւ Տիգրան, մինչ Յովսէփ ամուսնացած եւ զաւակաց տէր էր, եւ ոչ ալ աւելի հարուստ էր: Ժողովրդական զրոյցը առանց որոշ փաստի եւ հաշուի, Տիգրանի հարստութիւնը 300. 000 օսմանեան լիրա ենթադրելով, 100. 000 լիրա կը հաշուէր կտակաբաժինը, որ Գրիգորէ սկսաւ պահանջուիլ երբոր Կ. Պոլիս դարձաւ, իսկ Գրիգոր 25-30. 000 միայն տալու պատրաստականութիւն կը ցուցնէր: Փաստաբաններ պատրիարքը կը վստահացնէին դատարանով ձեռք ձգել նշանակուած գումարը, եւ Իզմիրլեան անոնց տուած ապահովութեան վրայ հիմնուելով` զիջողութեան կծու ձեւ մը առին, եւ Գրիգոր բացարձակ մերժման յանգեցաւ: Այս միջոցին Իզմիրլեան պատրիարք կը հրաժարէր, Չամիչեան տեղապահ աւելի Գրիգորի օժանդակելու կողմը կը միտէր, Յովսէփ 14-ի կոտորածին մէջ կը սպաննուէր, եւ նոր ընտրութիւններէ ետքը Օրմանեան պատրիարք եւ Գրիգոր Գարակէօզեան, որ վարչութեան անդամ ալ ընտրուած էր, դէմդիմաց կը գտնուին: Գրիգոր կը շարունակէր մնալ իր բացարձակ մերժման վրայ, պատրաստ էր դատարանի առջեւ ալ ելլել, զոր շատեր փորձել կը թելադրէին, այլ Օրմանեան դատարանի դիմելու կը հակառակէր: Վարչութեան անդամներ երկու կարծիքի բաժնուած էին, եւ փաստաբաններ եւ խմբագիրներ դատարանի դիմելու կը քաջալերէին, եւ լրագրութեան մէջ ալ ձայնակիցներ կը գտնէին: Ժողովուրդին մէջ ալ կար մաս մը որ Գարակէօզեանը դատարանով պարտաւորցնելու հակամէտ էր, մինչ Օրմանեան մինչեւ վերջը անյողդողդ կը մնար իր տեսութեան վրայ: Իրեն գլխաւոր դիտողութիւններն էին` կտակագիրին պարզ թուղթ մը ըլլալը առանց վաւերացման եւ առանց վկայից, հանգուցելոյն հաշիւներուն ծանօթ չըլլալը, հաշուետումարներուն փոխուած կամ անյայտացած ըլլալուն կասկածը, կտակագիրին թուականին սխալմամբ հինգ թուանշանով գրուած ըլլալը, Տիգրանին ազգայիններէ դաւաճանուելէն ետքը քանի մը օր ապրելովը կտակը ետ առած ըլլալուն վկաներ յարմարցնելու դիւրութիւնը, եւ մանաւանդ ազգին ձեռքը մեծ գումար մը հասնելուն դէմ պետական արգելքի հաւանականութիւնը, եւ դատաստանը իրեն նպաստաւոր դարձնելու համար հակառակորդին դիւրութիւնը, ծախքի համար ազգային սնտուկին անբաւականութիւնը, եւ դատ վարելու յորդորող փաստաբաններուն հեղինակութիւն կազմելու անձեռնհասութիւնը: Այս եւ ասոր նման տեսութիւններ այնչափ ծեծուեցան ու վիճաբանուեցան վարչութեան մէջ, եւ այնչափ յանձնարարուեցան ժողովէ դուրս եղող փորձառու անձերէ, որ վերջապէս ստուար մեծամասնութեամբ դատի չդիմելու կարծիքը ընդունուեցաւ, եւ Օրմանեանի ու Նորատունկեանի յանձնուեցաւ մտերմական բանակցութեամբ եզրակացութեան մը հասնիլ: Այս աշխատութիւնն ալ ամիսներ տեւեց, աւելի պակասի, ձեւի ու կերպի առաջարկներ փոխուեցան ու փոփոխուեցան, մինչեւ 1898 օգոստոս 25-ի նիստին մէջ խառն ժողովէ ընդունուեցան եւ հաստատուեցան վերջնական պայմանները եւ վեց անդամով յանձնաժողով մը կազմուեցաւ գործադրութեան հսկելու (05. ԱՐԼ. 3792-3793): Պէտք չէ մոռնանք յիշել Գարակէօզեան եղբօրորդիներն ալ, Արշակ եւ Միհրան` Կարապետի, Թագւոր եւ Երուանդ եւ Արամ` Նազարէթի, եւ Սարգիս` Յովսէփի զաւակները, մանաւանդ Երուանդն ու Արշակը, որոնք մեծապէս նպաստեցին Գրիգորը զիջողութեան համոզելու: Ընդունուած պայմաններուն համաձայն կտակին յիշած նպատակը մէկ կողմ կը թողուէր, եւ վաճառականական վարժարանի տեղ կ՚անցնէր ազգային որբանոցը, եւ Գրիգորի վճարելիք գումարը 20. 000-ի կը կապուէր, 5-ը նոր շէնքի կառուցման եւ 15-ը կալուածի գնման սահմանուած. կտակագիրը Գրիգորի պիտի դարձուէր, բայց Օրմանեան գաղտնապէս լուսանկարել տուած եւ չորս եպիսկոպոսներու ստորագրութեամբ վաւերացնել տուած էր զայն: Կալուածը շուտով գտնուեցաւ եւ գնուեցաւ Բերայի մեծ փողոցին Խաչփալանին (Տէօրթեօլազգը) գտնուող Խըտիվեալ կոչուած օթարանը (օթէլ) իր ընդարձակ յարակիցներով, որուն վրայ վերջէն յաւելուած ալ եղաւ եւ նորոգութիւններով ու փոփոխութիւններով ծախքը 25. 000 ոսկւոյ բարձրացաւ, որուն տարբերութիւնը Գրիգոր վճարեց փոխատուութեան ձեւով (05. ԲԻԶ. 2572), իսկ որբանոցի շէնքի համար տարիներ ետքը գնուեցաւ Բերայի բարձունքը Շիշլի թաղը գտնուող կիսաշէն հիւանդանոցն ու պարտէզը, որուն գնման եւ նորոգութեան, փոփոխութեանց եւ կարասեաց ծախքերուն պակասը լրացուցին Գարակէօզեան եղբօրորդիներ, եւ վերջապէս 1913-ին Գարակէօզեան Ազգային Որբանոցը բացուեցաւ ամենայն պատրաստութեամբ եւ կատարելութեամբ: Եկեղեցական եւ կրթական եւ բարեգործական հաստատութեանց պահպանութեան եւ պայծառութեան համար կատարուած ձեռնարկներէն ուրիշ շատեր ալ կրնայինք կցել այստեղ, սակայն լաւագոյն կը սեպենք վերջէն ամփոփում մը տալ ասոնց մասին, ինչպէս նաեւ ուրիշ մասնաւոր իրողութեանց վրայ, եւ կ՚անցնինք խօսիլ Երուսաղէմի վրայ, որ ազգային ուշադրութիւնը գրաւելու տարադէպ բախտն ունեցաւ:

3036. ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԿԱՅՍՐԸ

Երուսաղէմի վերջին եղելութեանց կարգին յիշատակի արժանի կը գտնենք Գերմանիոյ կայսեր այցելութիւնը: Վիլհէլմ որ է Գուլիէլմոս Բ., Փրեդերիկոս Գ. որդի եւ Գուլիէլմոս Ա. թոռ, 1859 յունուար 15/27-ին ծնած, եւ 1881 փետրուար 15/27-ին Աւգոստա-Վիկտորիայի հետ ամուսնացած, եւ 1888 յունիս 3/15-ին կայսր հռչակուած, շատոնց փափաքած Պաղեստինի ուղեւորութիւնը կատարելու համար` 1898-ին կայսրուհւոյն ընկերակցութեամբ եւ Իտալիոյ ու Ադրիականի ճամբով Կ. Պոլիս հասաւ հոկտեմբեր 6-ին, ուր Ապտիւլհամիտ կայսր հնարաւոր եղածին չափ փառաւոր եւ ճոխ ընդունելութիւն կատարեց հինգ օր, մինչեւ հոկտեմբեր 10 շաբաթ օր, եւ նոյն երեկոյին ուշ ատեն կայսրն ու կայսրուհին ուղեւորեցան դէպի Պաղեստին (98. ԱՐԼ. 3832): Կայսեր Կ. Պոլիս գտնուած միջոցին Օրմանեան գերմանական դեսպանատան մօտ դիմումներ ըրած եւ յուսադրութիւն ալ ստացած էր ունկնդրութեան ընդունուելու, նպատակ ունենալով Վիլհէլմի մտադրութիւնը հրաւիրել ի նպաստ Տաճկահայոց եւ Թիւրքիոյ քրիստոնէութեան, այլ նպատակին չկրցաւ հասնիլ, չենք գիտեր թէ աւելի Ապտիւլհամիտի ընդդիմութենէն թէ Վիլհէլմի անտարբերութենէն: Կայսրն ու կայսրուհին 13-ին նաւէն Հայֆա ելան (98. ԱՐԼ. 3835) եւ ցամաքի ճամբով եւ գերմանական գաղութներ ու հաստատութիւններ այցելելով` 17-ին շաբաթ օր մտան Երուսաղէմ, եւ ուղղակի Ս. Գերեզմանին այցելեցին: Ս. Յարութեան տաճարին աւագ դուռը Լատին, Պատանատեղին Հայ, եւ Գերեզմանին առջեւ Յոյն պատրիարքներէ ընդունուեցան (98. ԱՐԼ. 3838). հետզհետէ Երուսաղէմի եւ Բեթղեհէմի սրբավայրերը այցելեցին, հոկտեմբեր 19-ին երկուշաբթի առտուն բողոքականաց նորաշէն եկեղեցւոյ նաւակատիքը կատարեցին, եւ կէսօրէն ետքը Ապտիւլհամիտի կողմէ Վիլհէլմի նուիրուած Սիոնի վրայ եւ ընթրեաց սրբավայրին կից ընդարձակ գետինին յանձնուելուն հանդիսական ձեւակերպութիւնը լրացուցին: Հայոց պատրիարքութիւնը ամէն այցելութեանց եւ հանդիսութեանց մէջ իր ներկայացուցիչները ունեցած էր, իսկ այս վերջին հանդէսին երթալուն եւ դառնալուն, վանքին առջեւէն անցնելուցն առթիւ ամբողջ միաբանութիւնը պատրիարքը գլուխնին ի պատիւ շարուած էին: Կայսրն ու կայսրուհին նշանակալից ցոյցէն զգացուած, դառնալու ատեննին կառքերնէն իջան, եւ իրենց բազմաթիւ շքախումբով առաջ Ս. Յակոբայ տաճարը այցելեցին եւ անկէ պատրիարքարանի դահլիճն ալ ելան, առանց առաջուընէ կարգադրութիւն եղած ըլլալու: Հոն գոհութեամբ դիտեցին իրենց գերմանացի եւ անգղիացի նախնեաց պատկերները, եւ պարտուպատշաճ կերպով պատուասիրուեցան (98. ԱՐԼ. 3851): Նշանակալից էր Հայոց հանդէպ կատարուած այդ գնահատելի ցոյցը, դեռ ուրիշ պատրիարքարան չայցելած, եւ Կ. Պոլսոյ մէջ ցուցուած անտարբերութեան հետ բաղդատուելով: Երուսաղէմի մէջ Հայոց վայելած դիրքին յարգանք մըն էր այդ այցելութիւնը, որ կ՚արդարացնէր Հայուն իր Սաղիմական աթոռին հանդէպ ունեցած արդարացի խնամքը եւ զգացած իրաւացի պարծանքը: Միայն յաջորդ օրերը կայսրը, առանց կայսրուհւոյ ընկերակցութեան, այցելեց Լատին ու Յոյն պատրիարքարաններուն, որ թերեւս տեղի ալ չէր ունենար եթէ Հայոց պատրիարքարանի ինքնայօժար այցելութիւնը կանխած չըլլար: Աթոռին կողմէ կայսրուհւոյն նուիրուեցաւ հին ու թանկագին ասեղնագործած մը, իսկ կայսերական ամոլին կողմէ իբրեւ յիշատակ նուիրուեցան իրենց ստորագրեալ լուսանկարները, եւ պատրիարքին շնորհուեցաւ բարձրաստիճան շքանշան մը: Իսկ վանքն ալ իբր յիշատակ պահեց անոնց գործածած ըմպելւոյ սկահակները: Երուսաղէմի կայսերական այցելութիւնը եօթնեակ մը միայն տեւեց, եւ 23-ին մեկնեցան Յոպպէ եւ անկէ Վերիտոն ու Դամասկոս եւ 30-ին Վերիտոն դառնալով (98. ԱՐԼ. 3850) նաւարկեցին եւ Գերմանիա դարձան Աւստրիոյ վրայէն: Սիոնի վրայ Գերմանիոյ կայսեր նուիրուած գետինը, անոր կողմանէ ալ կաթոլիկ գերմանացիներու նուիրուեցաւ նոյն իսկ հանդէսին պահուն, ուր յետոյ յանուն Ննջման Աստուածածնի վանք կառուցուեցաւ եւ Դոմինիկեան միանձանց յանձնուեցաւ: Այս գերմանական վանքին Հայոց վանքին դրացութիւնը մեծապէս օգտակար եղաւ, դադարեցնելով Սիոնի մոլեռանդ թաղին կողմէ Հայոց Ս. Փրկիչ վանքին դէմ սովորական դարձած թշնամական եւ անարգական ցոյցերը:

3037. ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԱՀԵՐ

Երուսաղէմի մեծ խնդիրին պիտի մտնենք, բայց ի դէպ կը կարծենք կանխել եւ համառօտիւ յիշել Երուսաղէմի միաբանութենէն պակսած քանի մը դէմքերը, զորս ստէպ առիթ ունեցած ենք յիշել անցեալ եղելութեանց մէջ, եւ որոնց մահն ալ կշիռ ունեցաւ առաջիկային պատմուելիք եղելութեանց մէջ, իբր հեղինակաւոր անձնաւորութեանց գործոց հրապարակէն պակսելուն հետեւանք: Այս կարգին թէ ժամանակով եւ թէ նշանակութեամբ առաջին պիտի դասուի Սիմէոն եպիսկոպոս Սէֆէրեան, որ 66 տարեկան կը վախճանէր 1896 ապրիլ 13-ին (96. ԱՐԼ. 3648): Ծնած էր Նիկոմիդիոյ վիճակին Կէյվէի Օրթաքէօյ գիւղը 1830-ին, ձեռնադրուած 1857-ին, եւ եպիսկոպոսացած 1867 մայիս 31-ին, Գէորգ կաթողիկոսի անդրանիկներուն կարգին, որուն ուղեկից եղած էր յանուն Երուսաղէմի միաբանութեան 2764-2765): Սիմէոն վանական պաշտօններ վարած է սկիզբը, բայց իր երկարատեւ եւ արդիւնաւոր ասպարէզը եղաւ Կ. Պոլսոյ մէջ Երուսաղէմի աթոռին փոխանորդութիւնը, որուն օգնական նշանակուեցաւ 1863 մարտ 13-ին, Իսահակ Աստուածատուրեան եպիսկոպոսանալու երթալուն առթիւ 2734), եւ վերջէն ուղղակի փոխանորդութիւնը ստանձնեց 1865-ին, Իսահակի նորընտիր Եսայի պատրիարքին հետ վանք դառնալուն առթիւ: Սիմէոն գործօն դեր վարած էր օգնականութեան միջոցին ներսէն-դուրսէն խնդիրին մէջ 2739). իսկ փոխանորդութիւնը վարեց մինչեւ իր մահը մէկ երկու համառօտ ընդհատումներով, եւ Երուսաղէմի ամէն նշանաւոր խնդիրներու մէջ դեր վարեց: Սիմէոնի յուղարկաւորութիւնը մեծաշուք կատարուած էր ապրիլ 14-ին Իզմիրլեան պատրիարքի նախագահութեամբ եւ դամբանականով. իսկ 30-ին Դպրեվանքի մէջ յատուկ յիշատակ կատարեց Օրմանեան պատարագով եւ դամբանականով (96. ԱՐԼ. 3657), ի նշան եղբայրական ցաւակցութեան յԱրմաշէ յԵրուսաղէմ, եւ յուշարար սիրոյն որով երկու միաբանութիւնք իրարու կապուած են (96. ԱՐԼ. 3659): Սիմէոն ուսումնական հմտութեամբ եւ կրթական զարգացմամբ ճոխացեալ անձ մը չէր, եւ վանական հասարակ ծառայութենէ բարձրացած էր եկեղեցական աստիճանին: Ի բնէ ուշիմ եւ խոհական, մատակարարական կարողութեամբ եւ վարչական յաջողակութեամբ գերազանց դիրք վայելեց, որ ոչ թէ լոկ վանական շրջանակի մէջ նշանակութիւն ունեցաւ, որ կարենար անձուկ պարունակի մէջ յաջողած ըսուիլ, այլեւ մայրաքաղաքի եւ կեդրոնական վարչութեան մէջ իրեն գերագոյն աստիճանին հասաւ, կրօնական ժողովոյ ատենապետութեամբ, կրօնական գործոց տեսչութեամբ, եւ պատրիարքական տեղապահութեամբ: Օրմանեան դիտել տուած էր թէ բազմակողմանի է եկեղեցական կոչումը, եւ ոչ ամէնքը ամէնով պարտաւոր են պայծառանալ. բաւական է որ միով կամ միւսով արդիւնաւոր լինին, եւ թէ մատակարարականով բարձրացողն ալ դպրոցականով կամ առաջնորդականով բարձրացողէն նուազ արժանաւոր մէկը չըլլար (96. ԱՐԼ. 3659): Սիմէոն իր միաբանութեան կողմէ ալ Եսայիի ընտրութեան ատեն պատրիարքական ընտրելեաց մէջ ներկայացուեցաւ. եւ հարկաւ Եսայիէ ընտրելագոյն պատրիարքը եղած պիտի ըլլար, եթէ կեդրոնական վարչութիւնն ու երեսփոխանութիւնը ծանօթ հակառակութեան ոգւով վարուած չըլլային 2738): Յարութիւն պատրիարքի ընտրութեան առթիւ ալ Սիմէոն եղած կ՚ըլլար ընտրեալը, եթէ ինքն Սիմէոն առկախ ընտրութեան ձեւը հնարելով Յարութիւնի ընտրութիւնը յաջողցուցած չըլլար 2920): Սիմէոն մէկ միտք ունէր եւ այն ալ Ս. Յակոբեանց միաբանութիւնն էր. իր բոլոր կեանքը եւ բոլոր գործունէութիւնը ուղղուած էին եւ կը դառնային անոնց շուրջը, եւ երբ անոնցմէ դուրս կեդրոնական վարչութեան մէջ կը գործէր, դարձեալ Սաղիմական շահը իր միակ ուղեցոյցն էր: Այս նպատակով էր որ Սիմէոն Կ. Պոլսոյ մէջ երեք ուսանող սարկաւագաց պաշտպանութեամբ, նախկին հնգեակի եւ վերջին եռեակի կազմակերպութեան սատարող երեւցաւ, բայց չենք կրնար երբեք Սիմէոնը մեղադրել, երբ նա պարզապէս զարգացեալ միաբաններ ունենալու նպատակով կը գործէր, առանց անոնց ապագայ գործունէութեան ձեւն ու հոգին թափանցելու, եւ կամ երբ աթոռէ յանձնարարուած մատակարարական գործերը ճշդութեամբ կը կատարէր առանց մասնաւոր դիտումներու մասնակից ըլլալու: Սիմէոն երկար ատեն մայրաքաղաքի մէջ ապրելով` իր կենցաղին համար չբասրուեցաւ, եւ ոչ ալ շահադիտութեան կամ չարաշահութեան համար բամբասուեցաւ, այլ պատկառելի դէմք մը մնաց մինչեւ վերջը: Մահուանէ տարի մը առաջ սիրտի կաթուածով տկարացաւ, եւ հիւանդագին անցուց իր վերջին տարին, եւ կաթուածին կրկնուելովը մահկանացուն կնքեց: Գէորգ վարդապետ Երէցեան, որ արդէն Սիմէոնի օգնականութիւնը կը վարէր, անոր յաջորդ նշանակուեցաւ, եւ տասնամեայ մը պաշտօնավարեց եւ գործեց իբրեւ եռեակի անդամակից: Երկրորդ դէմքը, որ Ս. Յակոբեանց միաբանութենէն պակսեցաւ, Երեմեայ Տէր-Սահակեան եպիսկոպոսն էր, բնիկ Խարբերդցի Քէսիրիկ գիւղէն, եւ 1872 սեպտեմբեր 17-ին եպիսկոպոսացած, եւ 71 տարեկան վախճանած 1900 յունուար 7-ին: Երեմիայի կեանքն ալ միաբանական պաշտօններու մէջ ամփոփուեցաւ մինչեւ վերջ, եւ միշտ ալ վանական շրջանակի մէջ, միայն Կովկասի եւ շրջակայից նուիրակութեամբ անգամ մը հեռացած: Ամէն պաշտօններէ անցաւ մինչեւ պատրիարքական փոխանորդութիւն` Եսայիի ժամանակ Յարութիւնի Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեամբ մեկնելէն ետքը, եւ պատրիարքական տեղապահութիւն` Յարութիւնի առկախ ընտրութենէն ետքը մինչեւ անոր գործի գլուխ անցնիլը: Յարգելի եւ պատկառելի դէմք մը մնաց Երեմիա միաբանութեան մէջ, ինչ ալ ըլլար իրեն հանդէպ միաբաններու փոփոխեալ յարաբերութիւնը: Ուղղութեան եւ խոհականութեան տեսակէտէն երբեք չստեց իր համբաւը եւ մեծապէս օգտակար եղած պիտի ըլլար իր ներկայութիւնը, եթէ 1900-ին ներքին խնդիրներուն ծագելէն քիչ առաջ յաստեացս հանդերձեալին փոխադրուած չըլլար: Նշանակալից դէմք մըն էր նաեւ Աստուածատուր եպիսկոպոս Տէր-Յովհաննէսեան, բնիկ Խարբերդցի Երեմիայի գիւղակից, 1831-ին ծնած, 1857-ին ձեռնադրուած, եւ 1876 յունիս 6-ին եպիսկոպոսացած, որ 1900 փետրուար 10-ին կը վախճանէր 69 տարեկան: Աստուածատուր ոչ միայն միաբանական շրջանակէ դուրս գործ չէր ունեցած, այլեւ միաբանութեան մէջ տնօրէնի անդամակցութենէ եւ ընդհանուրի ատենապետութենէ բարձր դիրք չէր ունեցած: Իր արժանիքը եղած էր ուսումնական արդիւնաւորութիւնը, առանց սկիզբէն ուսումնական կեանք ունեցած ըլլալու, այլ լոկ ինքնաջան եւ ինքնօգնական աշխատութեամբ լեզուագէտ եւ պատմագէտ դառնալով, որուն հաւաստիքն է Ժամանակագրական Պատմութիւն Սուրբ Երուսաղէմի, երկհատոր ստուար հրատարակութիւնը, խղճամիտ հետազօտութեանց եւ հաստատամիտ հետապնդութեանց արդիւնք, վաւերագիրներով եւ ժամանակագրական ճշդութիւններով հարուստ ( ԱՍՏ. ): Միաբանութեան մէջ յարգելի եւ սիրելի դէմք մը եղած էր Աստուածատուր, եւ իր ներկայութիւնն ալ օգտակար եղած պիտի ըլլար եթէ չփութար ճեպել իր եղբայրակցին ետեւէն` անկէ ամիս մը միայն ետքը: Վերոյիշեալներու աշխարհէ մեկնելովը երիցագոյն միաբանի դերը կը մնար Ներսէս եպիսկոպոս Գէորգեանի, բնիկ Ռոտոսթոցի, 1839-ին ծնած, 1853-ին ձեռնադրուած, եւ 1876 յունիս 6-ին եպիսկոպոսացած, եւ արդէն 71 տարեկան, բայց տարիքէն աւելի կարողութեամբ տկարացած: Ժամանակ մը Ռոտոսթոյի առաջնորդութիւնն էր վարած, որով աւելի ինքնութիւն եւ աւելի փորձառութիւն կը սպասուէր իրմէ, այլ կարծես երկուքէն ալ մերկացած, եւ իր երբեմնի անկախութիւնն ալ կորուսած, տիրապետող եռեակին հլու գործիքն էր դարձած:

3038. ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԽՆԴԻՐԸ

Երուսաղէմի անցից պատմութեան մտնելով` պէտք է յիշել որ Յարութիւն պատրիարք թէ իր Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան միջոցին, եւ թէ Երուսաղէմի պատրիարքութեան գործոց գլուխն անցնելուն, իրեն կէտ նպատակի ունեցած էր, Երուսաղէմի աթոռին պարտքը ջնջել, եւ իրապէս հաւասարակշիռ ելեւմտացոյց մը ունենալ, եւ երբ պետական գանձին անցած գաւառներու պարտաւորեալ նպաստէն բաւական գումար մը առած, եւ մնացորդին գանձուելուն եւ մայրաքաղաքի պարտաւորեալ նպաստին իրականանալուն յուսադրութեամբ Երուսաղէմ կու գար 1889-ին, կը յուսար իր փափաքին հասնիլ, եւ բոլոր ջանքը այդ նպատակին էր նուիրուած, այնպէս որ կրնանք համարձակ ըսել, թէ Երուսաղէմի կեանքն ու պատմութիւնը այլեւս պարտքի եւ հաշուի պատմութիւն էր, ինչպէս պիտի ըլլայ մեր առաջիկային գրելիքն ալ: Ելեւմտական գործը ամբողջութեամբ Մաքսուտեան Ղեւոնդ վարդապետի ձեռքն էր, որ ելեւմտից տեսուչ եւ տնօրէնի մշտնջենական անդամ եւ մշտնջենական ատենապետ էր միանգամայն, թէպէտ 1888-ի կանոնագիրը, ելեւմտական գործոց ընթացքը միաբանական ժողովէն հանելով տնօրէնին ձեռքը յանձնած ատեն, պաշտօնեաները տնօրէնի անդամակցութենէն հեռացուցած էր, փոխադարձ հակակշիռ մը գոյացնելու դիտմամբ: Մաքսուտեան այդ կանոնին բացառութիւն էր, եւ միաբանականն ալ չենք գիտեր ի'նչպիսի դիւթիչ ազդեցութեամբ մղուած` իր քուէով կը հաստատէր այդ ընթացքը, եւ իր պատրիարքն ալ լիագոյն վստահութեամբ անոր ձեռքը ձգած էր ոչ միայն աթոռական, այլեւ իր անձնական կալուածոց շինութիւնն ու հասութաբերութիւնը: Այս պատճառով միաբանութիւնը ելեւմտական գործոց ընթացքէն տեղեկութիւն չունէր: Վերջին ընդհանուր ժողովը 1889 նոյեմբեր 10-ին գումարուած էր (89. ՄԻԱ. 470), եւ չորս տարի էր որ հաշուեցոյց եւ տեղեկագիր ներկայացուցած չէր, թէպէտ շարունակ պարտքի վրայ կը խօսուէր: Լրագիրներ ալ լեզու ելած էին, ներքին նեղութիւնն ալ շատցած էր, եւ Յարութիւն պատրիարք տեսնելով որ ակնկալեալ գումարներ չէին հասներ, կը մտածէ անձամբ Կ. Պոլիս դառնալ 1893-ին, Խրիմեան կաթողիկոսը ուղեւորելէն ետքը 2971): Այս միտքը պատճառ կ՚ըլլայ ձեւակերպութիւններն ալ լրացնելու, ուստի 1893 յուլիս 5-ին միաբանական ժողով կը գումարուի, եւ չորս տարուան հաշուոց ու գործողութեանց տեղեկագիրը կը հաղորդուի (93. ՄԻԱ. 479), եւ միւս օրուան նիստին մէջ կեդրոնին ղրկուելիք տեղեկագիրը պատրաստ չըլլալուն, տնօրէնին կը յանձնուի կազմել ու յղել եւ նոր տնօրէն կ՚ընտրուի (93. ՄԻԱ. 481), բայց անագան կը յղուի Կ. Պոլիս Յարութիւն պատրիարքի ետեւէն, որ կանխած էր մեկնիլ, եւ օգոստոս 22-ին Կ. Պոլիս հասած էր, եւ միայն հոկտեմբեր 6-ին կրնար կեդրոնին հաղորդել (93. ՄԻԱ. 491) հաշուեցոյցն ու ելեւմտացոյցը բացատրական նամակով (93. ՄԻԱ. 492-495), որոնք կը հաստատուին ( ՊՐՏ. 23), հետեւաբար մեզի ալ անոնց վրայ անդրադառնալու հարկ չի մնար: Յարութիւն պատրիարք Կ. Պոլսոյ մէջ շատ աշխատեցաւ, բայց ոչ պետական սնտուկէն բան մը գանձել եւ ոչ մայրաքաղաքի պարտաւորեալ նպաստէն բան մը ձեռք ձգել չկրցաւ եւ իր ներկայութիւնն Աշըգեան պատրիարքի անախորժ եւ կառավարութեան աւելորդ երեւնալը զգալով, չորս ամիսէն ետ դարձաւ ձեռնունայն, 1894 յունուար 5-ին Յոպպէ ելաւ 2973), եւ պարտքի խնդիրը մնաց ուր որ էր, արտաքիններուն գայթակղութեան պատճառ եւ ներքիններուն դժգոհութեան առիթ, գլխաւորապէս հաշիւ չներկայացուելուն պատճառով:

3039. ԳԱԲՐԻԷԼ ԱՆՈՅՇԵԱՆ

Նոր ընտրուած 1893-ի տնօրէն ժողովին մէջ, Մաքսուտեանի մշտնջենական անդամակցութեամբ եւ իր համամիտներու կամ միամիտներու ընկերակցութեան հետ երկու նոր անձեր կը մտնէին, Ներսէս եպիսկոպոս Գէորգեան իբր անկախ ըմբռնուած, եւ Գաբրիէլ վարդապետ Անոյշեան, երբեմն քննադատ (93. ՄԻԱ. 481), որ Հնդկաց նուիրակութենէն դառնալու վրայ էր, բայց հազիւ թէ չորս ամիս ետքը կը հասնէր, եւ նոյեմբեր 19-ին գործելու կը սկսէր (93. ՏՆՕ. 30): Անոյշեանի ընտրութիւնը կրնանք նկատել իբրեւ հաշուեպահանջութեան առաջին քայլը: Իրօք ալ Անոյշեանի գլխաւոր գործն եղաւ անցած հաշիւները տեսնալու եւ քննելու հետապնդութիւն. զի Կ. Պոլիս յղուած տեղեկագիրն եւ 1889-1893 հաշուեցոյցերը եւ 1893-94 ելեւմտացոյցը (03. ՄԻԱ. 492) առանց իրեն կազմուած էին եւ ինքը գոհացուցիչ չէր գտներ: Բայց որպէսզի իրաւունք ունենար ուրիշէն պահանջել, ինքն կանխեց եւ իր երեքուկէս տարւոյ նուիրակութեան մանրամասնութեանց հաշիւը ներկայեց (93. ՏՆՕ. 47): Անոյշեանի այդ ընթացքը միաբանութեան մեծամասնութենէն համակրութեամբ ողջունուեցաւ, սակայն նա շուտով ինքզինքը կղզիացեալ գտաւ եւ հետեւողները պակսեցան: Ասոր ալ պատճառ եղաւ իր անկաշկանդ բնոյթը եւ չափազանց նախանձայուզութիւնը, եւ շահեցողութեան կերպին մէջ անյաջողակութիւնը: Առիթ առնելով ներքին բարեկարգութեան մասին տնօրէնէ տրուած որոշումէ մը (93. ՏՆՕ. 12), սկսաւ անձամբ ճշդապահութեան հետամուտ ըլլալ, թուլութեանց դէմ խստանալ, համարձակ յանդիմանութեանց ձեռնարկել, որով իրմէ ուծացոյց եւ հեռացուց նոյն իսկ իր համակիրները, եւ իր հակառակորդին պատրուակ ընծայեց իրեն մասին եղած պահանջումներն ալ չափազանցեալ ուղղութեան եւ անխորհուրդ գործունէութեան վերագրել: Անոյշեանի փոխուիլ հնար չէր, տեղափոխուիլը աւելի դիւրին գտաւ, եւ յանձնառու եղաւ 1894 յունիսին Քէֆսիզեանի մօտ երթալ Բերիա անոր յօգուտ Երուսաղէմի մտադրած կտակին մասին խորհրդակցելու համար (94. ՏՆՕ. 113), որ վանական վարչութեան վերջնական մերժմամբը փակուեցաւ յուլիս 6-ին, Անոյշեանէ առնուած տեղեկութեանց հետեւանքով (94. ՏՆՕ. 124): Քէֆսիզեանի խնդիրէն ետքը Անոյշեան Եգիպտոս անցաւ` Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ կալուածներուն եւ հաշիւներուն քննութեան պաշտօնով (94. ՏՆՕ. 126), բայց իսկապէս բացակայութիւնը երկարելու դիտմամբ, քանի որ իր ներկայութիւնը ժողովականաց անհաճոյ եւ իրեն անախորժ կը դառնար: Սակայն այդ պաշտօնները առժամեայ էին, եւ պատմելով դարձաւ Երուսաղէմ, եւ տնօրէնի մէջ դարձեալ իր պահանջումները ձեռք առաւ, գլխաւորաբար հիմնուելով նոր շինութեանց հաշիւներուն վրայ, որոնք Մաքսուտեանի մօտ գաղտնիք կը մնային. բայց պէտք չէր որ այնպէս ըլլային, մանաւանդ որ շինութեանց խնդիրներու հետ արժէթուղթերու վաճառմանց գործեր ալ կը խառնուէին: Մաքսուտեան իր համամիտ կամ միամիտ ընկերները շուտով համաձայնութեան կը բերէր դարձուդարձ ձեւերով եւ ուռուցիկ խօսքերով, որոնց Անոյշեան չէր կրնար շուտով համակերպիլ` առանց հաշուեթուղթ ու վաւերաթուղթ տեսնելու. եւ ասկէ սկսան ծագիլ յայտնի վէճեր, երբ միւս ժողովականներ յանձն չէին առներ եւ ոչ իսկ կասկած յարուցանել Մաքսուտեանի վստահելիութեան վրայ: Անոյշեան լաւ առաջնորդ եղած պիտի ըլլար հաշուեպահանջ միաբաններու, եթէ իր ընթացքով անոնք պաղեցուցած չըլլար, եւ միայնակ մնալով իր նախանձայուզութիւնը չարաչար չմեկնուէր: Այս կացութեան հետեւանօք Անոյշեանի ընկեր ժողովականներ մինչեւ իսկ համարձակեցան պաշտօնական արձանագրութեանց մէջ զինքը պախարակել. այնպէս որ շինութեանց համար կանխաւ հաւանութիւն, հաւանութեանց համար օրինաւոր նախատեսութիւն, շինութեանց գործածուած գումարներու ծագում, եղած ծախուց համար քանակով եւ տեսակէտով հաշիւներ պահանջելը, բուռն կրիւք առարկութիւններ արձանագրուեցան (95. ՏՆՕ. 175), եւ 1895 փետրուար 21-ի նիստին մէջ Մաքսուտեանի կողմէ ատենագրութիւններէ քաղուած ցուցմունքներուն Անոյշեանէ անբաւական դատուիլը, իբրեւ տրուած որոշմանց դէմ յաւակնութիւն սեպուեցաւ, եւ ենթադրական պարագաներ իբր փաստ գործածուեցան (95. ՏՆՕ. 179), մինչեւ որ Անոյշեան մարտ 24-ին միաբանութենէ իսկ հրաժարելու որոշման կը հասնէր, եւ ետ կը դարձնէր պատրիարքի ձեռքով իրեն յղուած 50 ոսկւոյ նուէրը: Այս վերջնական քայլին հանդէպ տնօրէնը չուզելով հրաժարականին ընդունելութեամբ այլ ընդ այլոյ մեկնութեանց առիթ տալ, պատրիարքին յանձնարարեց կերպով մը զայն սիրաշահիլ (95. ՏՆՕ. 185), որ եւ յաջողեցաւ Դամասկոսի տեսչութեամբ հեռանալուն հաճեցնել, ինչպէս որ կը հաստատուէր մայիս 4-ին (95. ՏՆՕ. 202), եւ ինքն ալ մայիս 24-ին տեղը հասած եւ նախորդ տեսուչ Վահրամ Ազարեան վարդապետէ փոխանցումը ստացած ըլլալը կը գրէր (05. ՏՆՕ. 213): Եօթը տարի մնաց Անոյշեան Դամասկոսի տեսչութեան վրայ, առանց գործունեայ մաս ունենալու Երուսաղէմի անցուդարձերուն մէջ, եւ բաւականանալով մերթընդմերթ, գլխաւորապէս 1898 եւ 1899 տարիներում ամբաստանական եւ բացատրական նամակներ ուղղել Երուսաղէմի եւ Կ. Պոլսոյ պատրիարքներուն: Երուսաղէմի պատրիարքին գրածները յայտնի էր, որ Մաքսուտեանի հեղինակութեամբ անազդեցիկ կը մնային. Կ. Պոլսոյ պատրիարքն ալ կարեւորութիւն չընծայեց Անոյշեանի գրութեանց եւ անոնց հիմամբ խնդիրներ չյուզեց, ոչ միայն զի լոկ իր անուամբ կը գործէր, այլեւ շատ մեծ խնդիրներու շատ պզտիկ ցուցմունքներ կը ներկայէր, որ իր գիտակցութենէն եւ վկայութենէն անդին չէին անցներ, առանց վաւերաթուղթերու եւ առանց փաստաթուղթերու. մինչ Երուսաղէմի պարտքին խնդիրը աւելի լուրջ եւ աւելի հաստատուն պայմաններու պէտք ունէր: Անոյշեան տեսնելով որ իր ճիգերը արդիւնք չեն ունենար, Երուսաղէմի սահմաններէն ալ հեռանալ ուզեց, եւ 1902-ին սկիզբը սիրով ընդունեց Պաղտատի առաջնորդական տեղապահութեան պաշտօնը, եւ Մեծ-պահքին սկիզբը, առանց Երուսաղէմ հանդիպելու, Դամասկոսէ մեկնեցաւ Պաղտատ, ուր մնաց գրեթէ տարի մը մինչեւ լուսարարապետութեան ընտրութիւնը 3022)