2990.
ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ
ՆՈՐԸՆԾԱՆԵՐԸ
Արմաշի
Դպրեվանքի
վրայ
խօսեցանք
մինչեւ
անդրանիկ
դասարանին
1892-ին
սարկաւագ
ձեռնադրուիլը
(§
2963):
Եռամեայ
մըն
ալ
լրացաւ
1895-ին,
եւ
կանոնագիրին
համեմատ
քահանայութեան
եւ
աբեղայութեան
բարձրանալնուն
պայմանաժամը
լրացաւ:
Յարմարագոյն
դատուեցաւ
զայն
կատարել
գարնանային
ուխտաւորութեան
ժամանակին,
աշնանային
մեծ
ուխտաւորութեան
ժամանակին,
աշնանային
մեծ
ուխտաւորութեան
ժխորէն
ազատ
եւ
ընտրեալ
եկաւորներուն
ներկայութեան
միջոցին:
Ըստ
այսմ
ժամանակին
լրացան
պատրիարքարանի
առջեւ
պաշտօնական
ձեւակերպութիւնները
եւ
խնամակալութեան
հետ
մատակարարական
պահանջները,
եւ
ձեռնադրութեան
օրը
ծանուցուելով`
լաւ
բազմութիւն
մըն
ալ
հաւաքուեցաւ
Արմաշ:
Դպրեվանքին
երկրորդ
դասարանի
հինգ
սարկաւագները
ձեռնադրուած
էին
1893
սեպտեմբեր
26-ին,
երրորդ
դասարանէ
ալ
մէկ
մը
միայն
ձեռնադրուեցաւ
1895
յունիս
17-ին,
իսկ
քահանայական
ձեռնադրութիւնը
եւ
աբեղայական
օրհնութիւնը
կատարուեցան
յունիս
18-ին,
Լուսաւորչայ
կիրակիին,
շքեղ
հանդիսութեամբ:
Եօթը
նորընծաներ
այս
առթիւ
նոր
եւ
պատմական
անուններ
ստացան,
Բաբգէն,
Խոսրով,
Զաւէն,
Մուշեղ,
Սմբատ,
Ադան
եւ
Մաշթոց
(95.
ԱՐԼ.
3405):
Դպրեվանքի
հաստատութիւնը
որչափ
եւ
բաղձացուած
եւ
գովուած,
բայց
իրեն
խծբծողներն
ալ
ունէր
որոշ
դասակարգի
մը
մէջէն,
որուն
հաճելի
չէր
եկեղեցականութեան
զօրանալը,
եւ
կրօնական
կրթութեան
մէջ
յետամիտ
եւ
խաւարասէր
ուղղութիւն
միայն
կը
տեսնային
եւ
լուսաւորութեան
դարուն
հետ
անյարմար
կը
կարծէին:
Այս
կարծիքին
ներկայացուցիչներէն
ալ
եկած
էին
Արմաշ,
եւ
Դպրեվանքին
յաղթանակն
ու
հռչակը
աւելցուց
անոնց
վկայութիւնը,
որոնք
Դպրեվանքի
աշակերտութեան
հետ
շփուելով`
իրենց
կարծիքին
հակառակ
իսկական
զարգացում
գտած
էին
անոր
վրայ,
լուրջ
եւ
ուղղամիտ
դաստիարակութեան
մը
արդիւնք:
Այս
կէտը
յայտնապէս
լուսաբանուեցաւ
նախապաշարեալ
կարծիքներուն
եւ
խոստովանեալ
իրականութեան
դիմաբաժանեալ
բաղդատութեամբ
(95.
ԱՐԼ.
3408):
Նորընծաները
իրենց
քառասունքը
աւարտեցին
յուլիս
25-ին
Երկոտասան
Մարգարէից
յիշատակին
եւ
Ձեռնադրող
Վերատեսչին
անուան
տօնախմբութեան
առթիւ,
եւ
օգոստոս
22-ին
յատկապէս
Կ.
Պոլիս
առաջնորդուեցան
իրենց
յարգանքը
պատրիարքին
մատուցանելու,
ուր
ազգային
հաստատութեանց
ալ
այցելելով
վանք
դարձան
օգոստոս
31-ին,
եւ
ըստ
կանոնի
տարի
մը
եւս
պարապեցան
աւարտական
ճառերնին
պատրաստելու,
զորս
լրացուցին
մէյ
մէկ
ստուար
պրակներով
1896
ամառուան
սկիզբները,
նիւթ
ունենալով
Եղիշէի,
Տաթեւացիի,
Օձնեցիի,
Նարեկացիի,
Լամբրոնացիի,
Յաճախապատումի
եւ
Շարականի
մատենագրութիւնները,
պատմական
եւ
գրական
եւ
կրօնական
տեսակէտներէն
ուսումնասիրուած,
որոնք
արժանապէս
գովուեցան,
եւ
այդ
հիմամբ
մայիս
25-ին
վարդապետական
աստիճանի
գաւազան
ալ
ստացան
եւ
ընթացքնին
կնքեցին:
Այս
առթիւ
կրօնաթերթի
մը
հրատարակութիւնն
ալ
կարգադրուեցաւ
Օրմանեանի
եւ
Դուրեանի
գլխաւորութեամբ
եւ
նոր
վարդապետներու
խմբագրութեամբ,
իբրեւ
Դպրեվանքի
ծրագրին
լրումն,
որուն
առաջին
թիւը
հրատարակուեցաւ
յունիս
1-ին
Մասիս
անունով,
եւ
հանրութեան
կողմէն
գնահատութեան
արժանացաւ
(96.
ԱՐԼ.
3689
եւ
3708),
միանգամայն
Դպրեվանքի
նորահասները
գործնական
ասպարէզ
մտնել
սկսան
(96.
ԱՐԼ.
3687):
Երբոր
այսպէս
Դպրեվանքը
իր
յաջողութեան
գագաթնակէտին
կը
հասնէր,
1896
տարւոյ
ամառուան
վերջերը
տեղի
ունեցած
աղէտներով
ինքն
ալ
վնասուեցաւ
եւ
վտանգուեցաւ,
եւ
նոյն
օրեր
սեպտեմբեր
16-ին
երկրորդ
շրջանի
չորս
սարկաւագներն
ալ
քահանայացան
եւ
աբեղայացան,
Թաթուլ,
Փառէն,
Վահրիճ
եւ
Թորգոմ
անուններով:
Սակայն
այդ
անցքերուն
վրայ
պիտի
դառնանք
առաջիկային:
2991.
ԽՐԻՄԵԱՆԻ
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Խրիմեանի
կաթողիկոսական
օծում
ընդունելուն
եւ
աթոռ
բարձրանալուն
առթիւ
համարձակ
կերպով
յայտնեցինք
մեր
տեսութիւնը`
անկէ
սպասուած
գործունէութեան
մասին:
Նոյն
իսկ
ընտրութեան
օրեր
խօսուած
էր
թէ
ընտրութիւնը
պիտի
կատարուի,
բայց
մեծ
արդիւնք
մը
սպասելու
չէ,
հետեւաբար
նոր
բան
մը
պիտի
չըլլայ
եթէ
վարչական
գործունէութեան
նշանաւոր
գործ
մը
չպատմենք
անոր
կաթողիկոսական
արդիւնաւորութեան
մասին:
Ինքն
Խրիմեան
ալ
սովոր
էր
ըսել
իր
մասին,
թէ
ի՞նչ
տուած
էք
որ
ի՞նչ
պահանջէք,
ի՞նչ
կրթութիւն
եւ
ի՞նչ
զարգացում
տեսած
ենք,
որ
ինչ
կարողութիւն
ցուցնենք:
Խրիմեան
այն
գեղապաճոյճ
ծաղիկներէն
էր,
որոնց
պէս
Եւ
ոչ
Սողոմոն,
յամենայն
ի
փառսն
իւր
զգեցաւ
իբրեւ
զմի
ի
նոցանէ,
բայց
վերջապէս
դաշտի
ինքնաբոյս
շուշան
էր,
որ
ոչ
ջանայ
եւ
ոչ
նիւթէ
(
ՂԿՍ.
ԺԲ.
27)
զի
Խրիմեանի
կազմուելուն
շրջանը
Վանայ
լքեալ
քաղաքին
եւ
Վարագայ
նախնական
վարժարանին
մէջ
անցաւ:
Իրաւ
չէին
պակսեր
իրեն
ոչ
միտքի
ձգտումներ,
ոչ
սիրտի
զգացումներ,
եւ
ոչ
բաղձանքի
թռիչներ.
միայն
կը
պակսէր
իր
նպատակին
հասնելու
համար
ճարտար
աշխատանքը,
նպատակը
պատկերելու
համար
կիրթ
ճաշակը,
եւ
դիմումը
յաջողցնելու
համար
ճկուն
եւ
ճարպիկ
գործունէութիւնը,
եւ
այս
պատճառով
նա
մի
երեւելի
բան
չարտադրեց,
որովհետեւ
նա
կառավարչական
մարդ
չէր
(
ՐԱՖ.
18):
Ժողովուրդի
զաւակ
եւ
ժողովրդական
շրջանակի
մէջ
մնացած,
բարձրագահ
աթոռի
վրայ
չկրցաւ
փայլեցնել
այն
մեծվայելչական
եւ
վեհափառական
կերպերը,
որոնք
Գէորգի
եւ
Մակարի
զօրաւոր
կողմերն
էին.
այլ
աթոռ
բարձրացուց
անձնական
համակրութիւնն
ու
խանդավառ
սիրելութիւնը,
որոնք
ինքն
լաւ
գիտէր
վարել
ու
վառել:
Զգաց
կամ
զգացուցին
իրեն
պատշաճից
պահանջած
այցելութիւնները
կատարել,
բայց
ոչ
զինքն
ցուցադրելու
զգացմամբ,
որ
շատ
հեռու
էր
Խրիմեանի
բնոյթէն,
այլ
ժողովուրդը
տեսնալու
եւ
ճանչնալու
եւ
ուղղութեան
եւ
համերաշխութեան
սկզբունքներ
թելադրելու
դիտմամբ:
Առաջին
այցելութիւնը
կատարեց
դէպի
Պաթում,
ուր
հասաւ
1895
փետրուար
7-ին
եւ
մնաց
մինչեւ
14
Աղեքսանդր
Մանթաշեանի
կողմէ
հիւրասիրուելով
եւ
տեղական
գործերու
պանդուխտներու
կացութեամբ
հետաքրքրուելու
համար,
ուսկից
անցաւ
Նովորոսիսկ
եւ
անկէ
Եկատիրինոտար,
եւ
դարձաւ
իջաւ
Օտեսա
եւ
Պաթումի
վրայէն
դարձաւ
Էջմիածին:
Նոր
կաթողիկոսներու
կայսեր
ներկայանալու
պարագան
էր
որ
յորդորեր
էր
Խրիմեանը
այդ
ճանապարհորդութեան,
այլ
վերջին
կարգադրութեամբ
ընդունելութեան
օրը
յետաձգուած
ըլլալով
ետ
դարձաւ,
եւ
կրկին
մայիսի
սկիզբները
մեկնեցաւ
Էջմիածինէ,
Տփղիսի
եւ
Նոր
Նախիջեւանի
եւ
Մոսկուայի
ճամբով
Պետրբուրգ
երթալու,
ուր
հասաւ
25-ին,
միշտ
խանդավառ
ցոյցերու
մէջ,
որոնք
ճանապարհին
ալ
կրկնուեր
էին
ամէն
տեղ:
Աղեքսանդրիա
կայսրուհւոյն
ծննդեան
տարեդարձին
էր
հասած
օրն
եւ
քաղաքը
բոլոր
դրօշազարդուած
էր,
ուղղակի
եկեղեցին
առաջնորդուեցաւ,
եւ
յատկապէս
պատրաստուած
բնակարանին
մէջ
հանգստանալու
քաշուեցաւ,
եւ
պետական
ներկայացուցիչները
ընդունեցաւ:
Միւս
օր
26-ին
այցելեց
ռուսական
Ս.
Պետրոս-Պօղոս
եկեղեցին
եւ
Աղեքսանդր
Գ.
կայսեր
գերեզմանին,
եւ
ընդունեցաւ
հանրային
կրթութեան
նախարար
հայազգի
Տելիանեանի
այցելութիւնը,
եւ
փոխադարձ
այցելեց
նախարարներուն:
Հասած
օրը
Հոգեգալստեան
հինգշաբթին
էր.
Եղիայի
կիրակին
եկեղեցի
իջաւ
եւ
յաջորդ
շաբթուան
մէջ
յաճախ
ներկայ
գտնուեցաւ
Հռիփսիմեանց,
Գայեանեանց,
Կարապետի,
Լուսաւորչի
եւ
Էջմիածնի
տօներուն
առթիւ:
Մայիս
31-ին
կայսեր
տեսակցութիւնը`
Կարապետ
Եզեանցի
թարգմանչութեամբ,
նախաճաշով
ալ
պատուուեցաւ,
եւ
վեց
սպիտակ
ձիերով
լծուած
Աղեքսանդր
Բ.
-ի
պատմական
կառքով
վերադարձաւ:
Յունիս
1-ին
այցելեց
կայսերազանց
եւ
նախարարաց,
2-ին
այցելեց
մետրոպոլիտին,
եւ
եկող
աւագանւոյն,
3-ին
ալ
նախարարաց
եւ
պալատականաց
այցելութիւնները
ընդունեցաւ,
7-ին
պտըտեցաւ
թանգարանը,
8-ին
ռուսական
մայր
եկեղեցին,
10-ին
շոգենաւով
Նեվայի
գետափները
դիտեց
մինչեւ
Ելագին
կղզիները,
11-ին
Ղազարի
տաճարը
գնաց,
12-ին
Լեռնային
ճեմարանը
եւ
հրաժեշտի
այցելութիւններ
ըրաւ,
եւ
13-ին
Պետրբուրգէ
մեկնեցաւ
Մոսկուա:
Զանց
կ՚ընենք
խանդավառ
ցոյցերու
մանրամասնութեանց
մտնել,
որ
ամէն
ակնկալութենէ
վեր
եղան
(95.
ԱՔՍ.
219-227):
Յիշենք
եւս
որ
մի
քանի
անգամ
ներքին
եւ
կրօնական
գործոց
նախարարական
պաշտօնէից
հետ
խորհրդակցութիւններ
տեղի
ունեցան
եւ
քննուեցան
կարեւոր
խնդիրներ
Հայ
եկեղեցու
կառավարութեան
վերաբերմամբ.
եւ
այս
մասին
Խրիմեան
զանազան
պաշտօնական
թղթեր
ներկայացրեց
(95.
ԱՔՍ.
226):
Համակրութեան
ցոյցեր
եւ
խնդութեան
նշաններ
կրկնուեցան
Մոսկուայի
մէջ
ալ,
ուր
մնաց
մինչեւ
յունիս
22,
եւ
անկէ
եկաւ
Թէոդոսիա
(95.
ԱՐԼ.
2414),
Յովհաննէս
Այվազովսքի
մեծ
նկարչի
հրաւէրով,
եւ
դարձաւ
Էջմիածին:
Խրիմեանի
ուղեւորութեան
առթիւ
Պետրբուրգի
եւ
Մոսկուայի
եւ
ուրիշ
տեղերու
մեծատունները
նշանաւոր
գումարներ
նուիրեցին
Էջմիածնի
նորոգութեանց
համար:
Այս
երթուդարձերու
մէջ
զանց
ըրինք
առանձինն
խօսիլ
Տփղիսի
վրայ,
ուր
յաճախակի
կրկնուեցան
առաջին
գալուն
ցոյցերը:
Միւս
տարին
1896
ամառուան
մէջ
յատուկ
այցելութիւն
մըն
ալ
տուաւ
Սեւանի
վանքը
եւ
շրջակայ
աւանները
(96.
ԱՐԼ.
3721):
Բագուցիներուն
ալ
խոստացած
էր
յատկապէս
այցելել,
բայց
յապաղեցաւ
մինչեւ
1898
փետրուար
եւ
հասաւ
ամսոյն
5-ին
(
ԲԱԳ.
5),
եւ
մնաց
մինչեւ
13:
Այստեղ
երկու
կէտեր
աւելի
գրաւեցին
Խրիմեանի
մտադրութիւնը,
Նաւթի
արդիւնաբերութիւնն
ու
արդիւնագործութիւնը
եւ
պանդուխտ
գործաւորներուն
կացութիւնը:
Մտադրութեամբ
շրջեցաւ
ամէն
կողմեր,
մտաւ
Սեւ
Քաղաքը
տեսաւ
գործարանները,
եւ
մանաւանդ
օրերով
դուռը
բաց
թողուց
ամէն
աստիճանի
եկողներ
ընդունելու
եւ
մխիթարելու:
Իրեն
ուղեկից
էր
Գէորգ
Երէցեան
վարդապետը,
եպիսկոպոսական
ձեռնադրութեան
համար
Կովկաս
եկած,
որ
եւ
պատարագեց
եւ
քարոզեց
փետրուար
12-ին
Վարդանանց
տօնին
օրը
(
ԲԱԳ.
27):
Խրիմեան
կատարելապէս
իր
սիրտին
մօտ
դիրքի
մէջ
գտաւ
ինքզինքը
Բագու
եղած
միջոցին,
ուր
հազարաւորներ
կային
հայ
պանդուխտ
գործաւորներ,
որոնց
համար
նաւթարդիւնաբերներու
մօտ
ալ
բարեխօսեց
(
ԲԱԳ.
21):
Ինչպէս
ըսինք
ուրիշ
շատ
մանրամասնութիւններ
չունինք
պատմելու
Խրիմեանի
ներքին
գործունէութենէն,
եւ
նորէն
կ՚անցնինք
Տաճկահայոց
անցքերուն:
2992.
ԻԶՄԻՐԼԵԱՆ
ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ
Տաճկահայոց
մէջ
այս
միջոցին
տեղի
ունեցող
գլխաւոր
դէպքը
արքունիքի
եւ
պատրիարքարանի,
կամ
Ապտիւլհամիտի
եւ
Իզմիրլեանի
միջեւ
գոյացած
հակառակութիւնն
էր,
որ
կարծես
յարաբերութեանց
խզումի
ձեւն
էր
առած,
եւ
անոր
հետեւանօք
ազգին
մէջ
ալ
ներհակ
ուղղութեանց
ասպարէզ
բացուած
էր:
Աղիտալի
անցքերը,
ընդհանուր
կոտորածը,
եւ
կոտորածէն
ալ
աւելի
վնասաբեր
եղող
ամէն
կողմ
տարածուած
թալանը,
յափշտակութիւնն
ու
աւարառութիւնը
իրաւամբ
կը
զայրացնէին
Իզմիրլեանի
սիրտը
եւ
կը
փոթորկէին
անոր
միտքը,
եւ
հնար
չէր,
այժմ
ալ
հնար
չէ
չարդարացնել
անոր
յուզմունքը:
Կացութիւնը
այնպէս
խղճալի
վիճակ
առած
էր
որ
մինչեւ
իսկ
սնունդը
կը
պակսէր,
մերկութիւնը
ծածկելու
ցնցոտիներու
կարօտութիւն
կը
տիրէր,
որբեր
հազարներով
եւ
բիւրերով
կը
հաշուուէին,
եկեղեցիներու
սպաս
եւ
անօթ
եւ
զգեստ
եւ
գիրք
չկային,
պաշտամունքը
վերսկսել
անհնար
կը
դառնար,
թող
բռնի
իսլամացեալներուն
շփոթ
դիրքը:
Այդ
ամէնը
իրողութիւն
եւ
իրականութիւն
էին,
Իզմիրլեանի
տագնապն
ու
տառապանքը
իսկական,
զգացումը
արդար
եւ
յուզումն
իրաւացի,
նպաստից
անհրաժեշտութիւնը
ակնյայտնի,
բայց
միջոցներու
հոգածութիւնը
անհնարին
դարձած:
Այս
ստուգութեանց
հանդէպ
ինչ
որ
դիտողութիւն
կրնար
վերցնել
դարմանի
մասին
ձեռք
առնուելիք
ձեւն
էր:
Ապտիւլհամիտ
ալ
զայն
զգալով,
թէպէտեւ
առերեւոյթ,
բայց
մերձեցման
ինչ
ինչ
ձեւեր
ու
նշաններ
ձեռք
կ՚առնէր,
ինչպէս
էին
քաղաքական
ամբաստանութեամբ
բանտարկեալներու
մասնակի
ներումներ
(95.
ԱՐԼ.
3424),
կոտորածներու
գլուխ
կանգնող
Հայտարանցի
Հիւսէյին
փաշային
դատի
ենթարկուիլը
(95.
ԱՐԼ.
3522)
եւ
նշանաւոր
Մուսա
պէյին
կրկին
բանտարկութիւնը
(95.
ԱՐԼ.
3546),
մինչ
Իզմիրլեան
հակառակ
ցոյցերէ
իսկ
չէր
քաշուեր,
տէրութեան
նպաստաւոր
յայտարարութիւն
տուող
Ադրիանուպոլսոյ
առաջնորդ
Սուքիասեան
Մեսրոպ
եպիսկոպոսը
պաշտօնէ
կը
դադրեցնէր
(95.
ԱՐԼ.
3385),
եւ
անգղիական
դեսպանատան
դաշտային
գիշերահանդէսին
անձամբ
կը
մասնակցէր
(95.
ԱՐԼ.
3374):
Իր
համոզումն
էր
թէ
աղէտից
սկզբնապատճառը
նոյնինքն
սուլտանն
էր,
որով
անկէ
դարման
սպասելը
անտրամաբանական
կը
գտնէր,
եւ
բոլոր
յոյսը
եւրոպական
միջամտութեան
վրայ
հաստատած
ըլլալով,
անոնց
հետ
յայտնի
եւ
համարձակ
յարաբերութիւն
կը
մշակէր,
միշտ
միջնորդ
ունենալով
կուսակցական
գործիչները
եւ
անոնց
համակիր
իր
թարգմանները:
Իզմիրլեանի
դժբախտութիւնն
եղաւ
իր
ակնկալութեանց
եւ
իսկական
իրականութեանց
մէջ
տիրող
անջրպետը:
Եւրոպական
պետութիւնները,
ըլլան
Պերլինի
դաշնագիրը
ստորագրող
վեցերը,
ըլլան
գործադրութիւնը
ստանձնող
երեքները,
երեք
ամիս
շարունակ
տեւող
կոտորածը
արգիլելու
իսկ
միջամտութիւն
չէին
ըրած,
կոտորածին
հետեւանքներուն
մտադրութիւն
չէին
դարձուցած.
բայց
Իզմիրլեան
իր
տեսութեանց
վրայ
ամուր,
ապարդիւն
խոստումներով
կ՚օրօրուէր
եւ
իր
բուռն
ու
յախուռն
ընթացքէն
չէր
հեռանար,
կուսակցական
գործիչներէ
քաջալերութիւնները
կը
յարգէր,
քաղաքական
փորձառութեամբ
զօրացած
խոհականներու
թելադրութիւնները
կ՚անարգէր:
Այս
կացութեան
մէջ
կը
սկսէր
1896
տարին,
ներքին
արտաքին
տագնապներու
գագաթնակէտը
հասած
տարին,
եւ
ինչ
որ
կը
սպասուէր,
սկսաւ
երեւան
գալ.
կայսեր
կողմէն
պահանջուեցաւ
որ
պատրիարքը
հրաժարի
եւ
քաշուի,
քանի
որ
անոր
ընթացքը
իրեն
դէմ
անձնական
հակառակութեան
ձեւ
էր
առած,
եւ
հակառակութիւնը
փոխադարձ
ատելութեան
հասած:
Այս
պարագային
առջեւ
ալ
Իզմիրլեան
ամուր
կը
մնար
իր
տեղը,
միշտ
միեւնոյն
խորհրդակիցներու
ազդեցութեամբ
զօրացած,
եւ
միշտ
միեւնոյն
ակնկալութեանց
օրօրներով
հրապուրուած:
Ազգին
մի
մասը
սկսաւ
զգալ
պարագայից
պահանջը
եւ
հետեւաբար
հարկ
տեսաւ
Իզմիրլեանը
հրաժարելու
եւ
քաշուելու
յորդորել.
բայց
ասոնց
մէջ
տէրութեան
պաշտօնեաներ
եւ
ունեւոր
վաճառականներ
գտնուիլը
Իզմիրլեանի
կարծել
տուաւ
թէ
իշխանութեան
ստրկաբար
ծառայողներ
եւ
ազգային
շահը
անարգողներ
են
այդ
խրատտուները,
ուստի
դարձեալ
իրեններուն
խորհուրդը
նախադասեց,
եւ
երբ
զգաց
որ
կացութիւնը
օրէօր
կը
զայրանար,
առանց
հրաժարելու
գործէ
հեռու
երեւնալու
կերպը
ստեղծեց,
պատրիարքարան
չյաճախելով,
վարչութեան
ցանցառ
նախագահելով,
դիմումներ
չընդունելով,
Հիսարտիպի
փողոցի
բնակարանը
մնալով,
եւ
յաճախ
Իւսկիւտարի
բարձունքը
հեռանալով.
մինչեւ
իսկ
պատրիարքի
հասցէին
եկած
գրութիւնները
բանալու
արտօնութիւն
կու
տար
փոխանորդին
եւ
դիւանապետներուն
(96.
ԱՐԼ.
3693):
Բայց
տակաւին
հրաժարելէ
կը
զգուշանար
Եւրոպայի
միջամտութեամբ
մօտալուտ
յաղթանակին
ակնկալութեամբ:
Ահա
1896
յունուարէ
յուլիս
ժամանակամիջոցին
պատկերացումը,
զոր
ընդհանուր
գիծերով
միայն
կը
ներկայացնենք,
զանց
ընելով
հազարումէկ
մասնակի
միջադէպները:
Յուլիս
19-ին
իրեն
այցելողներուն
հրաժարած
չըլլալը
եւ
հրաժարելու
միտք
չունենալը
հաստատութեամբ
կը
յայտարարէր,
բայց
21-ին
հրաժարականը
կը
ստորագրէր,
եւ
պատճառը
գաղտնիք
մը
չէր:
Նոր
զեկուցագիրով
մը
դիմած
էր
Կ.
Պոլսի
դեսպանութիւնների,
գործը
ստանձնող
երեքներին
եւ
խորհուրդ
խնդրած
ազգին
գործերը
բարելաւելու
համար.
իսկ
անոնք
այդ
խորհուրդն
ալ
զլացան
նրան
տալ,
որով
նա
այն
ժամանակ
հրաժարական
տուաւ
(96.
ԱՐՐ.
381):
Այդ
պարագայն,
որ
իբր
փաստ
կը
բերուի
երկաթեայ
պատրիարքին
զիջողութիւնը
արդարացնելու,
մեր
տեսութեամբ
աւելի
հակառակ
եզրակացութեան
կը
տանի.
զի
քաղաքականութեամբ
զբաղող
եւ
դիւանագիտական
յարաբերութեանց
հիմամբ
գործող
անձի
համար
նախատեսութիւնը
պարտաւորիչ
հանգամանք
է,
եւ
գործերը
մինչեւ
անդարմանելի
ըլլալու
վիճակը
հասցնել`
թերութիւն
է,
եթէ
յանցանք
ալ
չէ:
Վարիչը
պարտի
իրողութեանց
ներքինը
թափանցել
եւ
եղելութեանց
իսկութեան
տեղեկանալ
եւ
ոչ
թէ
անհիմն
ակնկալութիւններով
գործը
մինչեւ
իր
յետին
կործանումը
մղել,
այլ
գործոց
ընթացքին
հպատակիլ,
կամ
թէ
վարչութենէ
ձեռք
քաշել:
Յուլիս
21-ին
տրուած
հրաժարականը
22-ին
կ՚ընդունուէր,
քանի
որ
պահանջուած
ալ
էր,
եւ
24-ին
պաշտօնապէս
կը
հրատարակուէր,
եւ
այսպէս
կը
վերջանար
Իզմիրլեանի
պատրիարքութիւնը
1894
դեկտեմբեր
7-ին
ընտրուած,
եւ
20-ին
հաստատուած
եւ
26-ին
պաշտօնի
ձեռնարկած,
ուսկից
հաշտուելով
տեւած
կ՚ըլլար
19
ամիս:
Տարբեր
են
կարծիքներ
Իզմիրլեանի
անձին
եւ
պաշտօնավարութեան
շուրջը
կազմուած
եւ
յայտնուած.
ոմանց
համար
հաստատամիտ
եւ
անվտանգ
երկաթեայ
պատրիարքն
է
նա,
ուղղութեան
հետեւող
եւ
իրաւանց
պաշտպան,
մինչ
ուրիշներու
համար
անհեռատես
եւ
կամակոր
պաշտօնակալն
է`
աղէտից
առիթ
ընծայող
եւ
պարագաները
գործածել
չգիտցող,
եւ
աւելորդ
կը
սեպենք
մատնանիշ
ընել
ներհակընդդէմ
կարծիքներու
տէրերը:
Եթէ
կը
ներուի
մեզ
ալ
անկաշկանդ
տեսութիւն
մը
յայտնել,
չենք
երկմտիր
յայտարարել,
թէ
պաշտօնավարութեանց
եւ
գործունէութեանց
մէջ
ոչ
վերացեալ
տեսութիւններն
են
որ
անձը
կ՚արդարացնեն,
այլ
իրականութիւններն
են
որ
գործողին
պիտի
առաջնորդեն:
2993.
ԱՌԺԱՄԵԱՅ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Պատրիարքի
հրաժարելովը
պէտք
էր
որ
Խառն
ժողովը
տեղապահի
ընտրութիւն
կատարէր.
սակայն
այս
անգամ
պատրիարքի
հետ
գործող
վարչութեան
վրայ
ալ
կը
տարածուէր
հարուածը,
եւ
վարչական
ժողովներու
պայմանաժամը
լրացած
եւ
անդամներէ
շատերուն
հրաժարած
ըլլալը
իբր
պատճառանք
կը
ծառայէր
զիրենք
պաշտօնէ
եւ
իրաւունքէ
զրկելու.
եւ
անոնց
տեղ
նոր
խառն
յանձնաժողով
մը
կազմելու
յուլիս
24-ի
պաշտօնագիրով,
ութը
եկեղեցական
եւ
ութը
աշխարհական
անդամներով`
իբրեւ
աւելի
վստահելի
անձերով,
որոնք
եղան
Մեսրոպ
Սուքիասեան,
Բարթողիմէոս
Չամիչեան,
Մելքիսեդեկ
Մուրատեան
եւ
Վահրամ
Մանկունի
եպիսկոպոսներ,
Գաբրիէլ
Ճէվահերճեան
եւ
Գէորգ
Երէցեան
վարդապետներ,
եւ
Յովհաննէս
Մկրեան
ու
Գաբրիէլ
Խանճեան
քահանաներ.
իսկ
աշխարհականներէն
Աբրահամ
Երամեան,
Յովհաննէս
Նուրեան,
Էլիաս
Չայեան
եւ
Սեպուհ
Մաքսուտեան
պետական
շրջանակներէ,
եւ
Պատրիկ
Կիւլպէնկեան,
Գրիգոր
Գարակէօզեան,
Կարապետ
Գարամաճեան
ու
Տիգրան
Մանուկեան
առեւտրական
դասակարգէն:
Ասոնք
25-ին
պատրիարքարան
հրաւիրուեցան
(96.
ԱՐԼ.
3736),
ուր
կրօնից
տեսուչ
Զիվէր
պէյ
անձամբ
պաշտօնագիրը
հաղորդեց
եւ
տեղապահ
մը
ընտրելնին
յանձնարարեց:
Մուրատեան
եպիսկոպոսէ
եւ
Երամեան
փաշայէ
զատ
14-ներ
ներկայ
էին
այն
օր
(96.
ԱՐԼ.
3734):
Իրենց
առաջին
նիստը
կազմեցին
26-ին
եւ
ժողովին
կազմակերպութիւնը
լրացուցին,
Երամեանն
ու
Նուրեանը
ատենապետութեան
եւ
Չայեանն
ու
Մկրեանը
ատենադպրութեան
կոչելով,
եւ
Չամիչեանն
ալ
տեղապահ
ընտրելով
(96.
ԱՐԼ.
3735),
որուն
վաւերացումը
ստացան
29-ին
եւ
30-ին
գործի
ձեռնարկեց
(96.
ԱՐԼ.
3737-3738),
եւ
օգոստոս
2-ին
կայսեր
ներկայացաւ
ուռուցիկ
ուղերձներով,
որոնց
մէջ
կը
յայտարարէր
թէ
ինքն
սուլթանին
ստրուկն
է,
ազատագրուիլ
յանձն
չառնող
ստրուկ
մը,
եւ
թէ
այս
կեանքին
եւ
թէ
հանդերձեալ
կեանքի
մէջ
իւր
ամենէն
մեծ
պատիւն
ու
երջանկութիւնը
կայսերական
փափաքները
իրականացնելու
բախտաւորութիւնն
ունենալն
է
(96.
ԱՐԼ.
3741):
Իսկ
առժամեայ
վարչական
ժողովին
գործունէութենէն
Մուրատեան
եւ
Կիւլպէնկեան
ընդհանրապէս
հեռու
մնացին,
Երամեան
ատենապետութիւնը
պատուակալ
ձեւով
միայն
պահեց,
իսկ
գործին
եռանդեամբ
փարող,
եւ
կայսերական
կամաց
կատարեալ
համակերպութեամբ
փայլողներն
եղան
Չամիչեան
տեղապահը
եւ
Նուրեան
իսկական
ատենապետը.
ոչ
միայն
հաւատարմութեան
շրջաբերականներ
ամէն
կողմ
տեղացուցին,
այլեւ
շնորհակալութեան
մաղթանքներ
եւ
հանդէսներ
կատարելու
հրամաններ
ղրկեցին
բոլոր
գաւառներու
առանց
խտրութեան:
Կառավարութեան
ալ
յիշատակագիրներ
մատուցին
յայտնապէս
մեղադրելով
Հայ
ուղղութեան
ընթացքը
եւ
զայն
իբր
յանցապարտ
ներկայելով,
եւ
ամենայն
չարեաց
պատճառ
Սահմանադրութիւնը
ցուցնելով:
Ժողովուրդը
շուարած
եւ
ընկճուած`
կրաւորական
համակերպութենէ
զատ
եղանակ
չունէր,
մանաւանդ
որ
գաւառներու
մէջ
իսպառ
դադարած
չէին
սպանութիւնները
եւ
յափշտակութիւնները,
եւ
մայրաքաղաքն
ալ
ինքզինքը
ազատ
չէր
զգար
նմանօրինակ
վտանգներէ
եւ
շշուկներ
օրէօր
կ՚աւելնային:
Կուսակցական
գործիչներ
եւ
իրենց
խումբեր
բոլորովին
խանգարուած
տեսնալով
իրենց
գործունէութեան
ասպարէզը,
եւ
Իզմիրլեանէ
Չամիչեան
անցքը
դիւրաւ
չկրնալով
տանիլ,
նորէն
բուռն
ցոյցի
մը
որոշման
կը
յանգէին,
միշտ
նոյն
համոզմամբ
թէ
որեւէ
արկածալից
աղէտք
մը
պիտի
կարենար
եւրոպական
տէրութիւնները
գործունէութեան
ստիպել
եւ
օսմանեան
կառավարութիւնը
բարենորոգմանց
գործադրութեան
պարտաւորեցնել:
Անորոշ
ձայներ
սկսած
էին
լսուիլ,
բայց
շատերուն
անհասկանալի
կ՚երեւար,
իբր
զի
նախընթաց
անպտուղ
ցոյցերու
օրինակը
պէտք
էր
գործիչներն
իսկ
չկրկնելու
համոզած
ըլլար:
Առժամեայ
վարչութեան
առաջին
օրերը
կ՚անցնէին,
երբոր
յանկարծ
ծագեցաւ
օգոստոս
14-ը,
Աստուածածնայ
պահոց
աղիտալի
չորեքշաբթին:
2994.
Կ.
ՊՈԼՍՈՅ
ԿՈՏՈՐԱԾԸ
Օգոստոս
14-ին
առտուն
որոշ
բան
մը
չէր
լսուեր
եւ
որոշ
նշան
մը
չէր
տեսնուեր,
թէպէտ
վերջին
օրեր
կասկածներ
շատցած
էին.
կէսօրին
ատենները
ձայն
ելաւ
թէ
Սամաթիա
թաղի
մէջ
շփոթ
մը
տեղի
ունեցեր
է,
եւ
միեւնոյն
ատեն
Ղալաթիա
տագնապի
եւ
խուճապի
մատնուեցաւ:
Քսանեւհինգ
հոգիէ
խումբ
մը
Կարնեցի
Գարեգին
Փաստրմաճեանի,
կեղծ
անուամբ
Արմեն
Կարօյի
առաջնորդութեամբ
մէկով
երկուքով,
Վօյվօտա
փողոցի
վրայ
գտնուող
օսմանեան
կայսերական
դրամատան
շէնքը
կը
մտնային,
եւ
սանդուխներու
վրայ
եւ
ճեմելիքներու
անկիւնները
դիրք
բռնելով
յանկարծ
ձեռքի
ռումբեր
կը
պայթեցնեն,
կը
սպառնան,
կը
պահանջեն,
փողոցի
վրայ
ալ
ռումբեր
կը
նետեն
իբր
թէ
դրամատան
տիրացած
ըլլան:
Սարսափահար
կը
մնայ
ոչ
միայն
ներքին
պաշտօնէութիւնը
այլեւ
դուրսը
գտնուող
ժողովուրդը,
եւ
քաղաքը,
նաեւ
անմիջապէս
դրամատունը
պաշարող
կանոնաւոր
զօրաց
վաշտը:
Միեւնոյն
ատեն
երեք
լեզուով
տպագրուած
պահանջագիր
մը
կը
ցրուեն,
որուն
մէջ
յիշեցնելով
կոտորածները,
բողոքները,
Եւրոպիոյ
լռութիւնը
եւ
օսմանեան
կառավարութեան
ընթացքը,
12
գլուխ
պայմաններ
կ՚առաջարկեն
(
ՕԶԱ.
259-260):
Օսմանեան
դրամատան
վտանգը
շարժումի
դրաւ
դեսպանատունները,
եւ
յատկապէս
գաղղիականն
ու
անգղիականը,
որոնց
ազգութեան
կը
պատկանի
այդ
օսմանեան
սեղանաւորական
հաստատութիւնը:
Միւս
դեսպանատուներ
եւ
կայսեր
կողմանէ
թիկնապահներ
ալ
միջամտեցին
եւ
գործողներու
գլուխ
կանգնեցաւ
Մաքսիմով
ռուսական
թարգման
եւ
անգղիացի
Վինսըն
եւ
գաղղիացի
Օպուանօ
դրամատան
վարիչներու
հետ
բանակցութիւնները
վերջացուց.
յարձակողներէն
17-ին
եւրոպական
երաշխաւորութեամբ
եւ
օտար
շոգենաւով
օսմանեան
սահմաններէն
ելլելուն,
եւ
3
սպանուածներուն
պատուաւոր
թաղումին,
եւ
5
վիրաւորներուն
օրինաւորապէս
դարմանուելուն
պայմաններով
(
ՕԶԱ.
261-263):
Սակայն
արդէն
ցոյցին
սկիզբէն
Կ.
Պոլսոյ
քրիստոնէաբնակ
թաղերու
մէջ
խուժան
մը
սկսած
էր
կազմուիլ
ձեռուընին
բիրերով,
որով
անխնայ
կը
զարնէին
եւ
կը
սպաննէին
որչափ
Հայ
որ
դիմացնին
ելլար
կամ
հայ
կարծէին.
առաւելապէս
Ղալաթիոյ
ու
Կ.
Պոլսոյ
մաքսերու
եւ
նաւամատոյցներու
կողմերը
եւ
Ոսկեղջիւրի
Խասքէօյը,
ուր
բազմութեամբ
կը
մնան
հայ
պանդուխտ
գործաւորները
եւ
բեռնակիրները:
Շարժումն
ու
կոտորածը
սաստկացաւ
երբոր
դրամատուն
յարձակողներ
շոգենաւ
մտան:
Խորհրդաւոր
զուգադիպութեամբ
Համիտիյէ
քուրդերու
վաշտ
մը
քիչ
օր
առաջ
եկած
էր
Կ.
Պոլիս,
եւ
քուրդի
զգեստով
մարդիկներ
բազմաթիւ
երեւցան
ամբոխին
մէջ,
սպանութեանց
գործիք
եղող
բիրերն
ալ
նմանօրինակ
էին
ամէն
յարձակողներուն
ձեռքերը:
Յայտնի
էր
որ
կառավարութիւնը
լուր
ունեցած
էր
ըլլալէն
առաջ,
եւ
կանխաւ
կատարած
էր
իր
պատրաստութիւնները
(96.
ԱՐՐ.
420),
ինչպէս
եւ
Համիտիյէ
գունդը
կոտորածէն
անմիջապէս
ետքը
արդէն
մեկնած
էր
մայրաքաղաքէ:
Հայոց
կողմէ
տեղտեղ,
գլխաւորապէս
Սամաթիա,
ընդդիմութիւններ
եւ
անձնապաշտպանութեան
ձեռնարկներ
տեղի
ունեցած
են,
բայց
անոնք
կոտորածի
ոչ
սկզբնաւորութեան,
եւ
ոչ
արդարացման
պատճառ
կրնան
ըլլալ:
Արկածը
երեք
օր
տեւեց
եւ
հազիւ
չորրորդ
օրը
18-ին
սկսաւ
մեղմանալ,
սպաննուածներուն
թիւը
10.
000-ը
անցաւ,
որոնց
իբր
3.
000-ը
Խասքէօյի
մէջ
մերձակայ
ծովակալութեան
խումբերուն
ձեռքով:
Բերայի
մէջ
ալ
դեսպանատուներու
դուռներուն
առջեւ
կոտորածներ
եղան,
եւ
դրամատունը
ազատելու
համար
վայրկենապէս
իրարու
անցնող
եւրոպական
դեսպանութիւններ
եւ
կառավարութեան
վրայ
զիջանելու
բռնութիւն
գործածող
ներկայացուցիչներ,
կրցան
անտարբերութեամբ
ականատես
ըլլալ
իրենց
աչքին
առջեւ
կատարուած
անլուր
անգթութեանց
եւ
եղերական
տեսարանները
դիտեցին,
աղբակիր
կառքերով
դիակներու
եւ
տեղափոխուիլը
նկատեցին,
որոնց
մէջ
կիսակենդանիներ
ալ
գտնուեցան:
Սպանելոց
դիակներէն
մի
մասը
միայն
Պալըքլըի,
Շիշլիի,
Խասքէօյի
եւ
ուրիշ
տեղերու
գերեզմաննոցները
տարուեցան,
մեծ
մասը
Ղալաթիոյ
եւ
Ստամպօլի
քարափներէն
ծովամոյն
եղան,
փորերնին
ճեղքելով
որ
ուռելով
ջուրին
երեսը
չելլան:
Մայրաքաղաքի
կոտորածը
գաւառներու
մէջ
ալ
իր
արձագանգն
ունեցաւ,
եւ
շատ
տեղեր
կրկնուեցան
1894-ի
կոտորածներուն
յաւելուածները
(
ՕԶԱ.
236,
եւ
96.
ԱՐՐ.
381):
Գործին
նկատելի
կողմերէն
մին
եղաւ
ջարդին
յաջորդ
օրէն
սկսելով
մնացածներէն
հարիւրաւորներ
իբր
յանցապարտներ
ձերբակալել
եւ
արտասովոր
ատեանի
դատարանին
յանձնել,
եւ
միւս
կողմէն
Կ.
Պոլիս
մնացած
պանդուխտ
Հայերը
հաւաքել,
եւ
իբր
20.
000
հոգի
յատուկ
նաւերով
ասիակողման
գաւառները
դարձնել,
գործաւորներու
եւ
բեռնակիրներու
կայանները
ջնջելով
քուրդերու
յանձնել
(96.
ԱՐՐ.
420),
եւ
այնպիսի
ահուսարսափ
մը
ազդել
տուներ
ալ
կոխելով,
որ
ժողովուրդը
ցերեկները
քաշուած
եւ
գիշերները
մութին
նստելու
պարտաւորուեցաւ:
Այս
կացութեան
մէջ
տեղապահը
վտարման
գործը
դիւրացնելու
միջոցներ
կը
մատակարարէր
ոստիկանութեան,
եւ
օգոստոս
19-ին
կայսեր
գահակալութեան
տարեդարձին
օրը
հանդիսաւոր
մաղթանք
կը
կատարէր,
կոտորածին
նախընթաց
օրը
դադրած
ըլլալուն
երախտագիտութեամբ:
Վտարելոց
կարգին
մտադրութիւն
դարձուեցաւ
Իզմիրլեանի
վրայ
ալ,
իբր
թէ
Ղալաթիոյ
կուսակցական
շարժումը
իր
պաշտպանութեամբ
եւ
իր
դրդմամբ
եղած
ըլլայ,
եւ
կայսերական
հրաման
ելաւ
անմիջապէս
Երուսաղէմ
հեռանալու,
որ
եւ
կատարուեցաւ
տեղապահական
միջնորդութեամբ,
գուցէ
եւ
ներքին
մասնակցութեամբ,
որով
հրաժարելէն
իբր
ամիս
մը
ետքը
հսկողութեան
ներքեւ
Կ.
Պոլիսէ
մեկնեցաւ,
եւ
սեպտեմբեր
1-ին
կիրակի
օր
Երուսաղէմ
մտաւ,
ուր
եւ
մնաց
12
տարիներ:
2995.
ԸՆՏՐՈՂԱԿԱՆ
ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՔ
Բարթողիմէոսի
տեղապահութիւնը
շատ
միտքերու
վրայ
ախորժ
տպաւորութիւն
չէր
թողած,
բայց
գոնէ
կը
սպասուէր
որ
ջարդերու
վերջ
տրուէր.
այլ
Կ.
Պոլսոյ
կոտորածը
այդ
մասին
ալ
յուսախաբութիւն
յառաջ
բերաւ,
եւ
աւելի
եւս
խարբալեց
հասարակաց
ըմբռնումը,
եւ
նոր
զայրոյթ
պատճառեց
կուսակցական
գործիչներու
վրայ,
եւ
սկսան
ուղղակի
իր
կեանքին
սպառնալ:
Չամիչեան
շուարած
պատրիարքարանի
վերածեց
Նշանթաղի
իր
բնակարանը,
եւ
պաշտօնապէս
հրատարակել
տուաւ,
թէ
ինքն
իր
տան
մէջ
պիտի
կարգադրէ
ընդհանուր
խնդիրները,
իսկ
օրական
եւ
մասնաւոր
գործերը
պատրիարքարանի
մէջ
պիտի
նայի
եւ
կարգադրէ
ժողովի
անդամներէն
Սուքիասեան
եպիսկոպոսը,
որ
արդէն
Եէնիգաբու
կը
բնակէր
(96.
ԱՐԼ.
3747):
Իր
տունին
մօտը
զատ
տեղ
մըն
ալ
վարձեց,
ու
սկսան
աշխատիլ
դիւանական
պաշտօնեաները:
Միւս
կողմէն
ոստիկանութեան
պաշտպանութեան
ալ
դիմեց,
եւ
հինգ
վեց
ծպտեալ
հսկողներ
տրուեցան
իրեն,
որոնք
տունին
մէջ
կը
մնային
եւ
դուրս
ելած
ատեն
կառքին
ետեւէն
կը
ձիավարէին
վտանգներէ
պահպանելու
համար:
Բայց
այս
աւելի
եւս
իր
դիրքը
կը
տկարացնէր,
զի
ասով
իրեններէն
երկիւղ
ունենալը
կը
յայտնէր:
Միեւնոյն
ատեն
հրապարակագիրներու
վրայ
ալ
ճնշում
կը
գործածէր
որ
զինքը
գովաբանեն,
իր
գործերը
ներբողեն,
եւ
պատրիարքակերպ
ձեւերով
բարձրացնեն:
Բայց
միւս
կողմէ
չէր
կրնար
այսչափով
ալ
յագենալ,
ուստի
պատրիարքական
ընտրութիւն
կատարել
տալու
ձեռնարկներուն
կը
հետեւէր
պետական
հովանաւորութեան
վստահելով
եւ
քուէարկուներ
շահելու
աշխատելով:
Իրեն
այդ
պատրաստութիւններէն
օգտուիլ
ջանացին
նաեւ
անոնք,
որ
անոր
իշխանութեանը
վերջանալուն
կը
սպասէին,
եւ
ընտրութեան
արտօնութենէն
օգտուելով
կ՚աշխատէին
ուրիշ
մը
բարձրացնել
պատրիարքական
աթոռը,
որչափ
ալ
կառավարութեան
կողմէ
տեղապահին
ուղղուած
պաշտօնագիրը
յանուանէ
զինքն
մատնանիշ
կ՚ընէր
իբրեւ
հաճոյական
ընտրելի:
Բարթողիմէոսի
հեռացումը
փափաքողներ
այլեւս
միայն
կուսակցականները
չէին,
եւ
ոչ
անոնց
համակիրներ,
այլ
նոյն
իսկ
ազգին
խոհականագոյն
դասակարգը,
որուն
ծանր
կու
գար
ազգին
ղեկը
յանձնուած
տեսնել
այնպիսի
մէկու
մը,
որ
պարզապէս
իր
անձնական
շահին
ու
փառքին
ետեւէն
զակատեալ,
անփոյթ
եւ
անզգայ
կը
մնար
ժողովուրդին
զգացած
նեղութեանց
եւ
կրած
տառապանաց
հանդէպ:
Այս
խոհական
դասակարգին
համարձակ
գլուխ
կանգնեցաւ
Յարութիւն
փաշա
Տատեան,
արտաքին
գործոց
նախարարութեան
խորհրդական,
արքունիքէն
գնահատուած
եւ
յարգուած,
եւ
միջազգային
յարաբերութեանց
համար
ձեռնհաս
եւ
վստահելի
ընդունուած
անձ
մը,
եւ
միանգամայն
ամենալաւ
հայ
ճանչցուած,
եւ
իւր
փափուկ
դիրքին
չնայելով
իւր
ազգութեան
դէմ
երբէք
չմեղանչած
մէկ
մը
(96.
ԱՐՐ.
576):
Երբոր
Բարթողիմէոս
իր
պատրիարքանալուն
համար
միջոցներ
կը
գործածէր,
եւ
անհամակիր
կարծուածներու
հանդէպ
եթէ
չէր
խստանար,
գոնէ
անկարեկիր
կը
մնար,
Տատեան
իր
Պէշիկթաշի
բնակարանին
մէջ
գումարումներ
եւ
խորհրդակցութիւններ
կը
կատարէր,
կարծիքներ
կը
փոխանակէր
եւ
լուսաբանութիւններ
կը
ստանար
յարմարագոյն
ընտրելին
որոշելու
եւ
համեմատութիւն
գոյացնելու,
միանգամայն
կայսերական
հաճութիւնն
ալ
վաստակելու
համար
պարտուպատշաճ
միջոցները
կը
պատրաստէր,
եւ
կայսեր
գոհունակութեան
յարմար
յայտարարութիւններն
ալ
չէր
ագահեր
թէ
անձամբ
եւ
հանրագրական
ձեւերով,
մինչեւ
որ
հաւանութիւն
կը
ստանար
Բարթողիմէոսի
անձին
չկապուելու,
ալ
ընտրել
մէկ
մը,
որ
կայսեր
խօսքով
թող
իւր
ազգը
սիրէ,
բայց
իրեն
դէմ
սուր
չքաշէ:
Արկածելոց
կարօտութեան
նպաստը
ժամանակին
պահանջներուն
առաջիններէն
էր,
բայց
Բարթողիմէոս
համարձակութիւն
չունեցաւ
հասարակաց
գթութեան
դիմումներ
ընելու,
եւ
միայն
կայսերական
նուէրով
ստացուած
քանի
մը
հարիւր
ոսկիներու
բաշխումով
շատացաւ.
հետեւաբար
երբոր
տեղապահը
չէր
համարձակեր
հանգանակութիւն
բանալ,
դժուար
էր
մասնաւորներու
այդ
մասին
ձեռնարկներ
ընել:
Ժամանակին
գլխաւոր
գործունէութիւնը
երկու
կողմերէն
ալ
պատրիարքական
ընտրութեան
շուրջը
կը
դառնար,
թէպէտ
տարբեր
ուղղութիւններով,
Չամիչեան
իր
ընտրութիւնը
ապահովելու,
եւ
Տատեան
ուրիշ
ընտրելի
գտնալու:
Վերջինիս
միտքով
յարմարագոյնը
Մուրատեան
Մելքիսեդեկն
էր,
եթէ
օտարահպատակ
ծնած
ըլլալու
դժուարութիւնը
դարմանուէր,
կամ
եթէ
ինքն
ալ,
որ
կաթողիկոսութեան
հովերով
կ՚օրօրուէր,
պատրիարքութեան
զիջանելու
հաւանէր,
զի
արդէն
այդ
միտքով
Կիլիկիոյ
աթոռին
ընտրելի
ըլլալն
ալ
մերժած
էր
(§
2989):
Անկէ
ետքն
իբր
ընտրելի
կը
յիշուէին
Հմայեակ
Դիմաքսեան,
Գրիգորիս
Յովհաննէսեան,
Գրիգորիս
Ալէաթճեան,
Պետրոս
Թահմիզեան,
սակայն
ամէնն
ալ
պահանջներուն
բաւարարութիւն
չէին
ընծայեր:
2996.
ՎԱՐՉԱԿԱՆ
ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Դպրեվանքի
նորընծաներուն
վրայ
խօսած
ատեննիս
յիշեցինք,
թէ
Դպրեվանքը
իր
գագաթնակէտին
հասած
վայրկեանին
յանկարծ
զինքն
անկման
վտանգին
դիմացը
գտաւ
(§
2990):
Օրմանեան
որ
յաճախ
Կ.
Պոլիս
կու
գար
խնամակալութեան
հետ
խորհրդակցելու
եւ
կարգադրելու,
վերջին
անգամ
ալ
եկած
էր
1896
յուլիս
18-ին,
ուսկից
մէկ
երկու
օր
ետքը
Իզմիրլեան
պատրիարք
հրաժարականը
կու
տար,
որ
24-ին
պաշտօնապէս
կը
ծանուցուէր
(§
2992),
եւ
օգոստոս
14-ին
ալ
տեղի
կ՚ունենար
մայրաքաղաքի
աղիտալի
կոտորածը,
որուն
վտանգէն
ինքն
Օրմանեան
ալ
ազատելու
բախտը
կ՚ունենար,
եւ
կասկածաւոր
կարծուածներու
հալածանքի
կարգին,
Կեդրոնական
Վարժարանի
խնամակալներէն
Աբիկ
Ունճեան
եւ
Յարութիւն
Նորատունկեան
ալ
կը
ձերբակալուէին:
Ունճեանի
բանտարկութիւնը
Դպրեվանքը
անտէրունչ
կը
թողուր
եւ
առձեռն
միջոցներէ
կը
զրկէր:
Իսկ
Օրմանեան,
Խաչի
ուխտաւորութեան
առթիւ
տեղը
գտնուելու
համար,
հարկ
կը
սեպէր
սեպտեմբեր
10-ին
Արմաշ
դառնալ,
թէպէտ
ոչ
միայն
բնաւ
ուխտաւոր
չէր
հասնէր,
այլեւ
Արմաշ
եւ
Խասկալ
գիւղերու
կոտորածի
սպառնալիքներուն
հանդէպ
զգուշութեան
միջոցներու
կը
պարտաւորուէր,
եւ
միայն
չորս
սարկաւագները
աբեղայութեան
կը
բարձրացնէր,
Թաթուլ,
Փառէն,
Վահրիճ
եւ
Թորգոմ
անուններով:
Դուրսէն
մայրաքաղաք
գալու
բացարձակ
արգելքը
իրեն
Կ.
Պոլիս
դառնալն
ալ
անհնար
կ՚ընէր,
ամէն
միջոցներէ
զրկումը
կը
տիրէր,
օրապահիկը
հայթայթելու
անհնարութիւն
կը
սկսէր
եւ
աշտուճ
հացով
ագարակին
խնձորը
կը
մնար
իբրեւ
սնունդի
միակ
միջոց:
Սաստիկ
հոգածութիւնը
Օրմանեանի
առողջականին
ալ
կ՚ազդէր,
եւ
հազիւ
թէ
Բարթողիմէոսի
մօտ
ընդունելի
միջնորդութիւններ
Կ.
Պոլիս
գալու
պետական
արտօնութեան
դուռը
կը
բանային,
որով
հոկտեմբեր
15-ին
Կ.
Պոլիս
կը
հասնէր
Դուրեան
Եղիշէ
վարդապետի
ընկերակցութեամբ:
Առաջին
տեսակցութեան
մէջ
Չամիչեան
տեղապահ
եւ
Նուրեան
ատենապետ
Դպրեվանքին
աւելորդ
հաստատութիւն
մը
ըլլալը,
եւ
անոր
օգնութեան
պէտք
չըլլալը
կը
յայտարարէին,
որուն
վրայ
Օրմանեան
իր
հրաժարականը
գրաւոր
կը
մատուցանէր,
եւ
Կ.
Պոլիսէ
հեռանալու
համար
արտօնութիւն
եւ
անցագիր
կը
խնդրէր:
Պատրիարքական
ընտրութեան
ճիգերուն
վերջին
օրերն
էին,
եւ
Օրմանեանի
Կ.
Պոլիս
հասնելուն
լուրը
Տատեանի
տան
խորհրդակցութեանց
մէջ
անոր
անունն
ալ
ընտրելեաց
մէջ
յիշելու
առիթ
կ՚ընծայէր,
եւ
քանիներ
այդ
մասին
Տատեանի
միտքին
վրայ
ազդելու
կ՚աշխատէին,
եւ
տեղեկութեանց
եւ
բացատրութեանց
նոր
գլուխ
մը
կը
բացուէր:
Իսկ
Օրմանեան
արդէն
տկարացած
եւ
առջեւ
նետուելու
դժկամակ,
եւ
իրեն
նախընթացին
հետեւանօք
ընտրելիներու
կարգը
չդասուելուն
համոզուած,
բոլորովին
քաշուած
եւ
Դպրեվանքի
հոգէն
ալ
հրաժարած,
պահ
մը
հանգստութեան
օրեր
կ՚անցունէր,
որչափ
ալ
ասոր
անոր
բերանով
իր
ընտրելիութեան
մասին
խօսքեր
ականջը
կը
հասնէին:
Հոկտեմբեր
20-ին
համագումար
ժողովը
կը
հաւաքուի,
եւ
Օրմանեան
կրօնական
ժողովոյ
ընտրելեաց
մէջ
կը
գրուի
24
քուէով,
եւ
պատրիարքական
ընտրելեաց
եօթներորդը
կ՚ըլլայ
13
քուէով:
Աւելի
քուէ
ստացողներն
եղած
էին
առաջին
Հմայեակ
Դիմաքսեան
43
քուէով,
եւ
յետոյ
Բարթողիմէոս
Չամիչեան,
Գրիգորիս
Յովհաննէսեան,
Մեսրոպ
Սուքիասեան
եւ
այլք:
Հոկտեմբեր
31-ին
կրօնական
ժողովը
կ՚ընտրուի,
եւ
4
եպիսկոպոս
անդամներէն
մէկը
կ՚ըլլայ
Օրմանեան
57,
քուէարկուներու
47
քուէով.
մնացեալներն
են
5
վարդապետ
եւ
քահանայ:
Նոյն
օր
ընտրուեցաւ
քաղաքական
ժողովն
ալ
փորձառու
եւ
խոհական
անդամներով,
որոնց
մէջ
կը
գտնուէին
Յարութիւն
Տատեան,
Ստեփան
Ասլանեան,
Գաբրիէլ
Նորատունկեան,
Տիգրան
Եուսուֆեան,
Էլիաս
Չայեան,
Զարեհ
Տիլպէրեան,
Գրիգոր
Խտրեան,
Միհրան
Սեթեան,
եւ
այլք,
ամէնն
ալ
ծանօթ
եւ
ողջամիտ
անձնաւորութիւններ:
Նոյեմբեր
4-ին
վարչական
ժողովներով
կը
վաւերացուին,
5-ին
քաղաքականը
կը
կազմակերպուի
Տատեանի
եւ
Ասլանեանի
ատենապետութեամբ,
եւ
Չայեանի
եւ
Սեթեանի
ատենադպրութեամբ,
միանգամայն
յանձնարարելի
ընտրելեաց
հնգանուն
ցուցակը
կը
կազմուի,
գլուխը
անցունելով
Օրմանեանի
անունը,
մէկի
բացառութեամբ
բոլոր
ներկաներու
միաձայնութեամբ,
ինչ
որ
Տատեանի
գլխաւորութեամբ
կատարուած
ըլլալով
կատարուելիք
ընտրութեան
նախագուշակութիւնն
էր,
եւ
Օրմանեանի
ականջը
հասնելուն
տխրութեան
եւ
յուզման
առիթ
կը
դառնար:
Միւս
չորսերն
էին
Բարթողիմէոս
Չամիչեան,
Խորէն
Մխիթարեան,
Ստեփանոս
Յովակիմեան
եւ
Մամբրէ
Մարկոսեան:
Նոյեմբեր
6-ին
կը
հաւաքուէր
Ընդհանուր
ժողովը,
ուր
նախապէս
Տատեանի
առաջարկութեամբ
կ՚որոշուէր
սահմանադրութեան
վերաքննութիւնը
պետական
պահանջից
զօրութեամբ,
եւ
քննիչ
յանձնաժողովոյ
պաշտօնը,
փոփոխութիւնները
վաւերացնել
տալու
եւ
վաւերացուածը
գործադրելու
իրաւունքով
մէկտեղ
կը
յանձնուէր
նորընտիր
խառն
ժողովին:
Ուսկից
ետքը
պատրիարքական
ընտրութեան
անցնելով
62
ներկաներու
48
քուէով
պատրիարք
կը
հռչակուէր
Մաղաքիա
եպիսկոպոս
Օրմանեան:
Այնչափ
էր
Բարթողիմէոսի
իր
ընտրութեան
մասին
բռնադատութիւնը
եւ
հակառակ
քուէ
տուողներու
երկիւղը,
որ
կը
պատմուի
թէ
շատեր
քուէի
երկու
թերթիկներ
պատրաստելով,
եւ
մէկուն
Բարթողիմէոսի
անունը
գրելով
եւ
իրեն
ցուցնելով,
երկրորդը
նետած
են
քուէատուփին
մէջ:
Բարթողիմէոս
ալ
քուէհամարի
ատեն
իր
յուսախաբութիւնը
չկրնալով
զսպել,
զայրացմամբ
քուէհամարի
շարունակութիւնը
աւելորդ
դատած
է,
ժողովականաց
միտքին
արդէն
իմացուած
ըլլալը
բարձրաձայն
յայտարարելով:
2997.
ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆՑ
ՀՈԳԻՆ
Իր
տեսակին
մէջ
անօրինակ
եւ
աչքառու
էր
Օրմանեանի
պատրիարքութեան
ընտրուիլը,
զի
օտար
դաւանութենէ
վերադարձողի
մը
այդ
աթոռին
բարձրացած
ըլլալուն
նախընթացը
չկար,
եւ
պակաս
չէին
այդ
մասին
կանխաւ
դիտողութիւն
ընողներ.
բայց
ոչ
ոք
դժգոհութիւն
յայտնեց
ընտրութեան
լրանալէն
ետքը:
Օրմանեան
առաջին
օրէն
իսպառ
թօթափած
էր
իր
վրայէն
հռոմէականութեան
կերպերն
ու
հակումները,
մինչեւ
Ներսէս
իսկ
պատրիարք,
Լիմայ
վարդապետի
մը
կը
նմանիս,
ըսած
էր
անոր,
ինքն
ալ
կը
պարծենար
թէ
գիտակցաբար
ընդունած
է
հայադաւանութիւնը,
մինչ
ուրիշներ
անգիտակցաբար
գտնուած
են
անոր
մէջ,
եւ
իր
գիտակցութիւնը
ցուցուցած
էր
հայ
դաւանութեան
ուղղափառութիւնը
եւ
Հայ
եկեղեցւոյ
ինքնուրոյնութիւնը
հրապարակաւ
պաշտպանելով:
Իր
ներշնչած
վստահութեամբ
առաջին
օրէն
ամենէն
փափուկ
պաշտօնները
յանձնուեցան
իրեն:
Վերադարձի
առաջին
ամիսներու
մէջ
Կարնոյ
կարեւոր
վիճակին
առաջնորդ
ընտրուած
էր`
հինգ
յարակից
վիճակներու
յաւելուածով.
Մակար
կաթողիկոսի
նման
աւանդապահ
հայրապետէ
մը
հայկական
աստուածաբանութեան
ուսուցիչ
նշանակուած
էր,
Խորէն
Աշըգեանի
պէս
կրօնքի
եւ
եկեղեցւոյ
մենամոլ
պատրիարքէ
մը
Դպրեվանքի
կազմակերպող
եւ
վարիչ
եւ
ուսուցիչ
ընտրուած
էր,
միթէ՞
միայն
պատրիարքութիւնն
է
կ՚ըսէին
հանրութեան
ըմբռնմանց
թարգման
եղողները,
որ
շատ
պիտի
տեսնէինք
այսքան
արժանաւոր,
այսքան
ընդունակ,
այսքան
կարող
եկեղեցականի
մը
(96.
ԱՐՐ.
576):
Օրմանեանի
ընտրութեան
առաջնորդող
տեսութեանց
մէջ
նկատի
առնուած
կէտերն
եղան
գլխաւորապէս,
համալսարանական
զարգացում
ունեցած,
օտար
լեզուաց
հմուտ,
քաղաքական
կենաց
ծանօթ,
եւրոպական
յարաբերութեանց
վարժ
ըլլալը,
որով
թէ
պետական
եւ
թէ
դեսպանական
անձանց
հետ
կրնար
ուղղակի
խօսակցութեան
մտնել:
Նկատի
առնուեցաւ
նաեւ
ազգային
ձգտումներու
եւ
կենցաղական
պէտքերու
անկեղծ
հետեւող
ըլլալը,
որ
ոչ
Աշըգեանի
պէս
պատրիարքական
գահը
սուլթանին
գործիք
կը
դարձնէր,
եւ
ոչ
ալ
ինքնամատոյց
անձնուիրութեամբ
մը
իր
խիղճն
եւ
ազգային
զգացումները
կը
սպաննէր
(
ՕԶԱ.
232).
միւս
կողմէ
Իզմիրլեանի
պէս
ալ
պատշաճից
եւ
շահեցողական
ձեւերը
անարգելով
եւ
քաղաքագիտական
ճկունութիւնը
մոռանալով
զայրոյթ
չգրգռել,
եւ
վտանգները
չմօտեցնել
եւ
չաճեցնել:
Այդ
մտայնութեան
հետեւանքն
էր
որ
առաջինը
չափազանց
կակուղ
եւ
երկրորդը
չափազանց
պինդ
նկատուած
ատեն,
Օրմանեանը
իբր
երկուքէն
խառն
ընթացքի
տէր
նկատուեցաւ
(
ՕՄԱ.
21),
եւ
նոյն
իսկ
կուսակցականներ,
յիշելով
որ
1883-ին
Օրմանեան
ալ
պետական
կասկածներու
ենթարկուած
էր
(§
2888),
վստահութեամբ
նայեցան
անոր
ընտրելիութեան
վրայ:
Միեւնոյն
նպատակին
իբր
նպաստաւոր
պայմաններ
նկատուեցան
Օրմանեանի
կանոնական
եւ
ճշդապահ
եղած
ըլլալը,
որով
ո'ւր
տեղ
եւ
ի'նչ
գործի
որ
կոչուեցաւ
առանց
դիտողութեան
հետեւած
էր,
բնաւ
բամբասուած
չէր,
իրեն
հասցուցած
Դպրեվանքցիներով
օգնականներ
եւ
գործակիցներ
պատրաստուած
էր,
եւ
գաւառական
կեանքին
եւ
Մայրաթոռոյ
ընթացքին
եւ
եւրոպական
կենցաղին
անձամբ
ծանօթութիւն
եւ
փորձառութիւն
ունէր,
որով
ոչ
մի
յարաբերութեան
հանդէպ
օտար
չէր
գտնուեր
(96.
ԱՐՐ.
572-574):
Ասոր
հետ
մէկտեղ
մենք
հեռու
չենք
կարծելէ,
որ
ժամանակին
տագնապն
ու
կացութիւնը
ուժգնապէս
ազդած
են
բոլոր
եպիսկոպոսներու
վրայ,
որոնք
յօժարակամ
խուսափած
են
ընտրելի
ըլլալէ,
միակ
Չամիչեանի
բացառութեամբ,
որ
ոգեւին
կը
հետապնդէր,
բայց
զայն
ալ
հանրային
կարծիքը
չէր
ընդուներ,
որով
ոչ
խնդրող
եւ
ոչ
միտքէն
անցունող,
եւ
իր
պատրիարքանալի
չկարծուիլն
ալ
շատերուն
համարձակ
խօսող
Օրմանեանի
(
ՕՄԱ.
18)
վիճակեցաւ
ահագին
պատասխանատուութեան
եւ
անտանելի
պաշտօնավարութեան
բեռը:
Այդ
ծանրութիւնը
ինքն
ալ
զգացած
էր,
որով
ընտրութեան
առաջին
լուրը
յուզմունքէն
զինքն
հիւանդ
թողուց,
եւ
հոկտեմբեր
7-ին
առտուն
երեսփոխանութեան
կողմէ
պաշտօնապէս
ներկայացող
Գաբրիէլ
Գաբրիէլեան
ատենապետ
եւ
Յակոբ
Գուրգէն
ատենադպիրին,
որոնք
յանձնառութեան
յորդորներ
կը
խօսէին,
յայտնապէս
պատասխանեց,
թէ
դատապարտութենէ
հրաժարելու
սովորութիւն
չէ
եղած,
որ
իմ
վրայ
դրուած
վճիռէն
կարենայի
հրաժարիլ
(
ՕՄԱ.
21):
Կացութիւնն
ալ
կը
ստիպէր
զինքն
առանց
վարանման
յանձնառութեան,
զի
ընդհանուր
ժողովոյ
գումարման
եւ
պատրիարքի
ընտրութեան
արտօնութիւնը
հազարումէկ
դժուարութեամբ
ստացուած
էր,
եւ
առաջինը
վիժել
տալով
երկրորդ
արտօնութիւն
ստանալը
անստոյգ
էր,
եւ
ազգը
անգլուխ
թողուլ
կամ
տեղապահական
իշխանութիւնը
շարունակել
տալ,
ազգային
կեանքի
դէմ
յայտնի
դաւաճանութիւն
եղած
պիտի
ըլլար:
Այդ
ընտրութեան
մէջ
ազգային
հանրութեան
կամ
ազգային
ժողովին
ունեցած
մտայնութեան
յայտնի
նշան
մըն
էր
վարչական
կրկին
ժողովներուն,
եւ
յատկապէս
քաղաքական
ժողովին
կազմութիւնն
ալ,
որուն
բոլոր
անդամները
չափաւորութեան
եւ
ճկունութեան
անձնաւորութիւններ
էին,
որով
պատրիարքարանի
առաջիկայ
ուղղութեան
ուղեգիծը
ցուցուած
կ՚ըլլար:
Այս
ամէն
տեղեկութիւններով
մէկտեղ
չպակսեցան
կառավարութեան
եւ
արքունեաց
միտքը
պղտորելու
եւ
Օրմանեանի
կասկածելի
անձ
մը
եղած
ըլլալը
յիշեցնելով
վաւերացումը
արգիլելու
աշխատողներ,
որոնց
մէջ
տեղապահին
ալ
գտնուած
ըլլալը
հաստատողներ
եղան:
Իրօք
ալ
հաստատութիւնը
տասնումէկ
օր
յապաղեցաւ
եւ
հազիւ
17-ին
ստացուեցաւ,
այն
ալ
Տատեանի
յատուկ
աշխատութեամբ
եւ
դեսպանատանց
միջամտութեամբ,
որով
հազիւ
նոյեմբեր
20-ին
կրցան
կատարուիլ
ուխտին
նիստը`
եւ
գործի
ձեռնարկելը
սկսուիլ:
2998.
ԱՌԱՋԻՆ
ՔԱՅԼԸ
Օրմանեան
պատրիարքական
գործունէութեան
առաջին
քայլին
դիմացն
ելած
դժուարութիւնը
սահմանադրական
խնդիրն
էր:
Կառավարութիւնը
նախապէս
Չամիչեան-Նուրեան
թելադրութեանց
համաձայն
մտադիր
էր
պատրիարքական
ընտրութիւնը
սահմանադրութեան
վերաքննութենէն
եւ
վաւերացումէն
ետքին
թողուլ,
որ
անպայման
պիտի
յետաձգէր
առժամեայ
վարչութիւնը:
Բայց
Տատեան
յաջողեցաւ
կայսրը
համոզել
թէ
առանց
օրինաւոր
գլխոյ
վերաքննութիւն
եւ
վաւերացում
անհնար
է,
եւ
պատրիարքական
ընտրութիւնը
պէտք
էր
յառաջէր.
բայց
միանգամայն
յանձնառու
եղած
էր
ընտրութենէն
անմիջապէս
ետքը
վերաքննութեան
ձեռնարկել
տալ,
եւ
այդ
նպատակով
յատուկ
որոշում
կայացնել
տուեր
էր
ընտրողական
ժողովին
սկիզբը:
Իսկ
հանրութեան
մէջ
սահմանադրութեան
վերաքննութիւնը
վտանգաւոր
եւ
փոփոխութիւնը
հակազգային
նկատուած
էր,
եւ
երեսփոխանութեան
որոշման
զօրութեամբ
սահմանադրութիւնը
իբրեւ
առժամապէս
դադարած
նկատողներ
ալ
կային,
եւ
հետաքրքրութեամբ
կը
սպասուէր
նորընտիրին
ուխտին
բանաձեւը,
մինչեւ
իսկ
ինքն
Տատեան
վարանոտ
դիմումներ
ըրած
էր
Օրմանեանի
վաւերացման
յապաղելուն
օրերուն
մէջ:
Օրմանեան
վստահացուցած
էր
թէ
դժուար
չէ
մէջէն
ելլել,
եւ
սիրտերու
մեծ
հանդարտութիւն
տրուեցաւ,
երբոր
20-ի
գումարման
մէջ
Օրմանեան
իր
ուխտը
արտասանեց
ճիշդ
սահմանադրութեան
մէջ
գրուած
բանաձեւով
(
ՍՀՄ.
16).
բայց
պետական
պահանջման
եւ
ժողովական
որոշման
կէտն
ալ
զանց
ըրած
չըլլալու
համար,
տեղապահին
ձեռքէն
պատրիարքական
գաւազանը
ընդունելով
եւ
ժողովականաց
դառնալով
յայտարարեց,
թէ
իր
ուխտին
առարկան
այսօր
ոյժ
ունեցող
սահմանադրութիւնն
է,
եւ
կը
փոխուի
միայն
երբոր
ամէն
օրինական
եւ
վաւերական
ձեւակերպութեանց
լրմամբ
նոր
սահմանադրութիւն
մը
այսօր
ոյժ
ունեցողին
կը
յաջորդէ:
Սիրտերու
անհուն
գոհունակութեամբ
ընդունուեցան
այս
յայտարարութիւնները
եւ
սկզբնական
լաւ
տպաւորութիւն
գործեցին:
Իսկ
ազգին
դէպ
առ
կայսրն
ունենալիք
զգացմանց
կէտն
ալ
ճարտարօրէն
հեռաւոր
անցեալին
եւ
ապագայ
ակնկալութեան
վրայ
հիմնելով,
տեսակ
մը
վերապահութիւն
ըրած
եղաւ
ներկային
եւ
մօտաւոր
անցեալին
վրայ:
Տատեան
փաշա,
որ
անդրանիկ
ատենաբանութեան
պատճէնը
անմիջապէս
թարգմանելով
կայսեր
ներկայացուց,
բարձր
գոհունակութեան
արտայայտութեամբ
հանդարտեցաւ,
եւ
զինքն
արդարացած
զգաց,
մանաւանդ
երբ
անմիջապէս
22-ին
կայսերական
ընդունելութեան
հրամանը
արձակուեցաւ,
բայց
օրը
ուրբաթ
ըլլալուն`
հրամանը
կարեւոր
տեղեր
ժամանակին
չէր
հասած,
եւ
հարկ
եղաւ
որ
հրամանին
կրկնուելովը
շատ
ուշ
ատեն
կատարուեր
ընդունելութիւնը
նոյեմբեր
23-ին
պատուոյ
ամէն
պայմաններով:
Այդ
առթիւ
Ապտիւլհամիտ
կայսր
յայտարարեց
թէ
պատրիարքի
անձին
եւ
զգացմանց
մասին
վստահացուցիչ
տեղեկութիւններ
ստացած
էր
պետական
խորհրդոյ
նախագահ
Սաիտ
փաշայէ,
նոյն
ինքն
Քիւրտ
Սաիտ
մականուանեալը,
որ
Կարին
քննիչ
եկած
էր
Օրմանեանի
առաջնորդութեան
միջոցին,
եւ
թէ
ինքն
իմացած
էր
որ
գիտնական
մէկ
մըն
է,
եւ
համոզուած
է
որ
գիտնական
անձը
առաքինի
ալ
կ՚ըլլայ:
Նոյեմբեր
23-ին
շատ
ուշ
ատեն
ընդունելութիւնը
կատարուած
ըլլալուն,
բարձրագոյն
դուռը
այցելելու
ատեն
չէր
մնացած,
ուստի
26-ին
պալատական
կառքեր
կրկին
անգամ
պատրիարքարան
եկան
բարձրագոյն
դրան
եւ
արդարութեան
եւ
կրօնից
նախարարութեան
պաշտօնական
այցելութիւնները
լրացնելու,
որ
իբր
անօրինակ
եւ
բացառիկ
շնորհ
մը
նկատուեցաւ.
եւ
թէպէտ
շատ
կշիռ
ունեցող
պարագայ
մը
չէր,
բայց
ժամանակին
բերմամբ
մեծ
տպաւորութիւն
գործեց,
եւ
արքունեաց
ու
պատրիարքարանի
յարաբերութեանց
քաղցրանալուն
բարեգուշակ
համարուեցաւ:
Երկրորդ
յաջող
պարագայ
եղաւ
բանտարկելոց
ազատութիւնը,
զի
հարկ
էր
որ
զգալի
գործով
մը
հաստատուէր
բարեգուշակ
յեղաշրջման
իրականութիւնը:
Օրմանեան
նոյեմբեր
28-ին
առհասարակ
քաղաքական
յանցանքով
ամբաստանեալ
եւ
դատապարտեալ
Հայոց
ազատութեան
համար
խնդրամատոյց
եղաւ,
եւ
ելքը
փութացնելու
համար
քանի
մը
օր
ալ
տկարութեան
պատճառանքով
գործերը
դադրեցուց,
եւ
դեկտեմբեր
10-ին
ընդհանուր
ներման
կայսերական
հրամանը
ստացաւ,
բացարձակ
ներումն
եւ
ազատութիւն
կայսրութեան
ամէն
կողմերը
թէ
դատաստանի
ներքեւ
եղող
եւ
թէ
դատական
վճիռով
մինչեւ
ցկեանս
թիապարտութեան
դատապարտուած
բանտարկեալներուն,
որոնց
անուանական
ցուցակը
հազար
երկու
հարիւրէ
աւելի
եղաւ:
Միայն
մահուան
դատապարտուածներուն
ներումը`
կեանքի
շնորհումն
եղաւ,
սպանութեանց
յանցապարտ
նկատուելուն
պատճառով,
եւ
պատիժնին
ժամանակաւոր
բերդարգելութեան
փոխուելով
մինչեւ
զգաստանան:
Ասոնք
ալ
հարիւրի
չափ
էին
(
ՕՄԱ.
57),
եւ
մէջերնէն
չորսը
եկեղեցականներ,
որոնք
երկրորդ
դիմումով
բոլորովին
ազատ
արձակուեցան,
պատրիարքարանի
հսկողութեան
ներքեւ
մնալու
պայմանով:
Այս
չորսերն
էին
Եզնիկ
եպիսկոպոս
Ապահունի
Խասքէօյի
քարոզիչ,
Յակոբոս
վարդապետ
Շահպաղլեան
Բաղէշի
տեղապահ,
Յուսիկ
քահանայ
Քաջունի
Արաբկիրի
փոխանորդ
եւ
Վահան
քահանայ
Խոյեան
Տրապիզոնի
փոխանորդ,
որոնք
մայրաքաղաք
բերուելով
զանազան
եկեղեցիներու
մէջ
պաշտօնավարութեան
յատկացուեցան:
Կայսերական
հրամաններուն
բարեհաճ
կամօք
կատարուած
ըլլալուն
իբր
նշանակ`
դեկտեմբեր
29-ին
ալ
նորընտիր
պատրիարքը
մէճիտիէ
առաջին
աստիճանի
շքանշանով
պատուուեցաւ:
2999.
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ
ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ
Օրմանեանի
պատրիարքութիւնը
բաւական
երկար
եղաւ,
եւ
մինչեւ
12-րդ
տարին
լրացնելու
մօտ
տեւեց.
ժամանակին
պարագաներ
եւ
նկատելի
միջադէպեր
անոր
կարեւորութիւնը
աւելցուցին,
եւ
ներքին
տեղեկութիւններն
ալ
առիթ
կ՚ընծայեն
մանրամասնօրէն
զբաղելու.
բայց
որպէսզի
երկարաբանութեանց
դուռ
բացած
չըլլանք,
աւելի
յարմար
կը
սեպենք
նիւթերու
բաժանմամբ
ամփոփումներ
տալ,
քան
ժամանակագրութեան
հետեւելով
կրկնութեանց
պարտաւորուիլ:
Այս
նպատակով
հարկ
կ՚ըլլայ
նախապէս
ընդհանուր
կերպով
պատկերացնել
ժամանակին
կացութիւնը:
Գաւառներու
ջարդերն
ու
թալանները
1894-է
ի
վեր
իսպառ
վերջացած
չէին,
մանաւանդ
անոնց
տխուր
հետեւանքները
դարմանուած
չէին:
Մայրաքաղաքի
կոտորածը
եկած
էր
պսակել
աղէտից
բազմադիմի
եւ
երկարատեւ
շարքը,
ահն
ու
սարսափը,
խեղճութիւնն
ու
նեղութիւնը
կը
տիրէին
ամէն
կողմ:
Տիրապետող
շրջանակներու
մէջ
հաստատուած
էր
այն
գաղափարը,
թէ
պէտք
էր
նկատառութեան
հրապարակէն
վերցնել
հայը,
թէ
պէտք
էր
զայն
չքացնել
եթէ
ոչ
նիւթապէս
գոնէ
բարոյապէս
(
ՕՄԱ.
42).
որովհետեւ
եւրոպական
քրիստոնեաներուն
մասին
եղած
ձեռնարկները
անոնց
ինքնութիւնը
շեշտած
էին
եւ
անոնց
համար
քաղաքական
գոյութիւններ
կազմած
էին,
ասիական
քրիստոնեայ
հայուն
համար
ալ
արձակուած
էր
Եւրոպիոյ
նպաստաւոր
ձայնը,
ուրեմն
կրնար
միւսներուն
չափ
յառաջել:
Այս
տեսութեամբ
ծագեցան
1894-1896-ի
արիւնռուշտ
գործերը,
որոնց
աւելցան
թալանն
ու
աւեր,
եւ
Հայոց
համար
արգիլուեցան
երթեւեկներ,
առուտուրներ,
պաշտօնավարութիւններ,
յարաբերութիւններ,
գործունէութիւններ,
դիւրութիւններ,
վերջապէս
այն
ամէն
միջոցներ,
որոնք
շահուելու
եւ
ոգեւորուելու
եւ
կազդուրուելու
կրնային
ծառայել:
Մինչեւ
իսկ
Հայոց
համար
յատուկ
օրէնքներ
շինուած
էին,
եւ
Հայերը
դիւրաւ
դատապարտելու
համար
նոր
դատարաններ
կազմուած
էին:
Ամէն
միտք
շփոթած,
ամէն
սիրտ
կոտրած,
քաջալերութիւն
կորած,
հանդարտութիւն
վրդովուած,
փողոցի
վրայ
երեւնալու
իսկ
երկիւղ,
ամէն
վայրկեան
լրտեսի
կամ
քսուի
մը
թակարդին
իյնալու
վախ,
ամէն
մէկ
քայլի
համար
վարանոտ
կասկած,
կեցած
տեղը
ահուդող,
կատարեալ
անապահովութիւն,
մինչեւ
իսկ
եկեղեցի
երթալու
անվստահութիւն,
գիշերները
ճրագ
վառելու
կամ
ճրագ
շատցնելու
սարսափ
(
ՕՄԱ.
40-43):
Ահա
1896
տարւոյ
վերջին
օրերուն
ընդաղօտ
նկարագիրը:
Երբոր
նոր
պատրիարքը
ընտրութենէն
քանի
մը
շաբաթ
ետքը
հռչակաւոր
եւ
յաճախեալ
Ղալաթիոյ
ուխտատեղին
իջաւ
կանխաւ
ծանուցումներով,
եկեղեցին
գրեթէ
դատարկ
գտաւ:
Ս.
Ստեփանոս
նախավկայի
տօնին
ալ
երբ
Խասքէօյի
եկեղեցին
գնաց,
հնոտիներով
եւ
ցնցոտիներով
ծածկուած
ցանցառ
ժամաւորներէ
աւելի
ժողովուրդ
չտեսաւ:
Այս
բարոյական
երեւոյթին
հանդէպ
կը
կանգնէր
կարօտութեանց
ամբարտակը:
Գաւառներու
ամէն
կողմերէն
անօթութեան
աղաղակներ
կը
լսուէին,
անսուաղ
մեռնողներու
գոյժերը
կը
հասնէին,
մերկութեան
ամօթէն
կիներ
եւ
աղջիկներ
ոտքի
վրայ
կանգնելու
չէին
համարձակեր.
եւ
այդ
անտանելի
նեղութեան
զուգընթաց
եղող
ախտեր
հազարաւոր
կեանքեր
կը
հնձէին,
որոնց
թիւը
կ՚երթար
աճեցնել
սուրի
եւ
հուրի,
բիրի
ու
զէնքի,
դաշոյնի
ու
հրազէնի
զոհ
գնացող
հազարաւորները,
եւ
կը
լրացնէր
երեսուն
բիւր
կորուստներուն
թիւը
(§
2982):
Ծնողազուրկ
որբերու
բազմութիւնն
ալ
առանձինն
տագնապ
մը
կ՚աւելցնէր,
զորս
վերիվերոյ
ցուցակ
մը
առաջին
օրերուն
իսկ
22.
000-ի
կը
հասցնէր
(98.
ԱՔՍ.
160),
եւ
լրացեալ
հաշիւները
50.
000-ի
կը
բարձրացնէին
(97.
ԱՐՐ.
272),
եւ
փողոցներու
մէջ
անտէրունչ
լքուած
էակներ
պաշտպան
ձեռքի
կը
կարօտէին:
Օտարազգիներու
կողմէ
ընձեռուած
առաջին
նպաստները
սկսած
էին,
բայց
ոչ
միայն
բաւական
չէին,
այլեւ
խիթալի
էր
որ
միասին
չբերեն
մարդորսութեան
նպատակը,
յատկապէս
կաթոլիկ
միաբանութեանց
ձեռքով
բաշխուածները,
զի
հեռու
երկիրներ
ալ
կը
տարուէին
կատարելապէս
իւրացնելու
վտանգով:
Բարոյական
եւ
նիւթական
խղճալի
կացութեան
աւելցնենք
պաշտօնականն
ալ:
Վիճակներ
մեծ
մասամբ
առանց
առաջնորդի
եւ
առանց
վարչութեան,
դպրոցներ
գոցուած,
եկեղեցիներ
փակուած,
եթէ
ոչ
քանդուած,
սպաս
եւ
զարդ
եւ
անօթ
եւ
զգեստ
եւ
կարասի
կողոպտուած,
պաշտամունք
դադարած,
քահանաներ
նուազած,
քրիստոնէութեան
պատիւն
ու
պէտքը
անարգուած,
ժողովուրդէն
ալ
լաւ
մաս
մը
բռնի
իսլամացած,
մէկ
խօսքով
ամենայն
ինչ
խառն
ի
խուռն
եւ
անկերպարան,
վայրավատին
եւ
լքուած:
Այս
պարագաներուն
մէջ
կը
սկսէր
Օրմանեանի
պատրիարքութիւնը:
Նորա
մասին
ամէնքն
ալ
կ՚ընդունէին
թէ
փշալից
էր
գրաւած
աթոռը.
իսկ
ինքն
կը
պատասխանէր
թէ
փուշերէն
աւելի
աթոռին
խախուտ
ըլլալը
իր
միտքը
կը
տանջէր,
զի
անհնար
կ՚ընէր
սաստիկ
միջոցներով
փուշերը
ճզմել:
Միակ
յաջող
պարագան
օտարազգեաց
նպաստներէն
զատ,
դեսպանատանց
միջամտութեամբ,
բռնադատեալ
իսլամութեանց
անպաշտօն
եւ
անվաւեր
համարուելուն
համար
տրուած
կայսերական
հաւանութիւնն
էր:
3000.
ՊԱՐՏԱՒՈՐԵԱԼ
ԸՆԹԱՑՔ
Յիշատակեալ
դժուարութեանց
հանդէպ
նկատողութեան
եւ
բացատրութեան
կարեւոր
կէտ
մը
կը
դառնայ
նոր
պատրիարքի
եւ
նոր
վարչութեան
համաձայնութեամբ
ընդգրկուած
յարաբերական
ընթացքը,
եւ
օսմանեան
կառավարութեան
հանդէպ,
կամ
աւելի
ճիշդ
Ապտիւլհամիտ
կայսեր
հանդէպ.
զի
ոչ
ոքի
գաղտնիք
է
թէ
այդ
միջոցին
կառավարական
ամբողջ
կազմը,
մինչեւ
իսկ
ամենամանր
պարագաները
կայսեր
բացարձակ
կամքին
կը
հպատակէին
եւ
անոր
ձեռքը
ամփոփուած
էին,
եւ
նախարարութիւնն
ու
նախարարները
բարձրագոյն
հրամանաց
եւ
հրահանգաց
պարզ
գործակատարներն
էին,
զոր
չէին
քաշուիր
իրենք
ալ
խոստովանիլ,
թէ
ի
զուր
են
իրենց
եղած
դիմումները
եւ
պէտք
էր
որ
արքունիքին
դիմուէր
ամէն
գործի
համար:
Մեծեպարքոսն
իսկ,
փոխանորդն
ալ
փոխանորդուողն
ալ
արքունիքին
մէջն
են,
կ՚ըսէր
երբոր
կայսեր
փոխանորդէ
իրմէ
բան
մը
կը
խնդրուէր:
Պալատական
պաշտօնակալներն
ալ
պարզ
քարտուղարէ
աւելի
դեր
մը
չէին
վարեր,
եւ
որեւիցէ
գործի
համար
հրահանգ
չստացած
պատասխան
տալու
համարձակութիւն
չունէին:
Ասկէ
կը
հետեւէր
որ
ամէն
գործի
համար,
մեծ
ըլլայ
կամ
փոքր,
արտասովոր
կամ
սովորական,
կայսերական
պալատ
դիմելը
կանոնաւոր
եւ
պարտաւորեալ
դարձած
էր:
Հոն
ալ
իւրաքանչիւր
պաշտօնակալի
ճիւղը
որոշուած
էր,
եւ
Հայոց
գործերուն
ճիւղը
առաջին
քարտուղար
Թահսին
փաշայի
յանձնուած
էր:
Եթէ
նախարարներուն
ալ
դիմումներ
կը
կատարուէին,
կամ
միտքերնին
նախապատրաստելու,
կամ
քաղաքավարական
ձեւերը
զանց
չընելու,
կամ
աւելի
յաճախ
արքունիքէն
տրուած
հրամանին
կամ
հրահանգին
գործադրութիւնը
փութացնելու
եւ
դիւրացնելու
համար
էր:
Այս
էր
յարաբերական
գործունէութեան
ընթացքը,
որուն
պիտի
աւելցուին
դիմումներու
առարկայ
եղող
կէտերը
եւ
դիմումի
ձեւերը:
Նախորդ
պատրիարքներէն
Աշըգեանը
չափազանց
կակուղ
եւ
Իզմիրլեանը
չափազանց
պինդ
նկատուած
ատեն,
երրորդին
կը
մնար
երկուքէն
խառն
ընթացք
մը
գործածել,
որ
է
երկու
կողմերն
ալ
շօշափել,
եւ
այս
եղած
էր
ընտրողներու
ալ
տեսութիւնը,
ինչպէս
գիտեցինք
վարչական
ընտրութիւնները
բացատրած
ատեննիս
(§
2996):
Ըստ
այսմ
դիմումներու
առարկաներն
եղան,
հնարաւոր
չափի
մէջ,
բռնութիւնները
մեղմացնել,
սպառնացող
նորանոր
վտանգները
հեռացնել,
հարստահարութիւնները
չափաւորել,
տեղի
ունեցած
վնասները
դարմանել,
եւ
ազգին
հարուածեալ
եւ
վիրաւորեալ
վիճակին
կազդուրման
միջոցներ
հոգալ:
Իսկ
միւս
կողմէն
շատ
առջեւ
չերթալ
զիջումներու
մէջ,
այլ
ազգային
իրաւունքներու
աւանդը
պաշտպանել,
ազգին
կացութեան
բարւոքումին
հետամուտ
լինել,
եւ
ազգային
դատին
պատկանող
սկզբունքները
չվտանգել:
Իսկ
դիմումներու
ձեւին
գալով
այնպիսի
ոճ
մը
գործածել,
որ
ըլլայ
երկու
ծայրերը
միանգամայն
նկատի
առնող,
հանդարտութեամբ
եւ
խոհեմութեամբ
գործերը
վարող,
հնարաւորը
բացարձակին
նախադասող,
հարուածեալ
ազգին
վրայ
նոր
հարուածներ
չհրաւիրող,
մէկ
խօսքով
լատին
առածին
հետեւողութեամբ
գործին
ուժեղ,
կերպին
համեղ
վարմունք
մը
(Fortiter
in
re,
suaviter
in
modo)
(
ՕՄԱ.
21):
Այս
ընթացքին
հետեւելու
համար
իբր
ոյժ
տուող
եւ
համոզող
պարագաներ
նկատի
առնուեցան,
եւ
նախապէս
եւ
գլխաւորապէս
հանրութեան
մէջ
յայտնուած
ըմբռնումը,
զի
այս
տեսութիւններ
ամէնուն
բերնէն
կը
լսուէին,
եւ
ժողովրդական
արտայայտութիւններ
միեւնոյն
դիտումը
կը
պնդէին
(
ՕՄԱ.
21):
Բայց
ժողովուրդ
ըսելով
կ՚իմանանք
անշուշտ
այն
հանրութիւնը,
որ
երկրին
մէջ
կ՚ապրէր
եւ
փորձանքներուն
հետեւութիւնները
կը
կրէր,
եւ
անձնական
փորձառութեամբ
օգտակարը
անօգուտէն
եւ
երեւակայականը
իրականէն
զատել
ուսած
էր,
եւ
ոչ
անոնք
որ
աղէտալի
կացութեան
նկարագիրը
իբր
նկար
միայն
կը
տեսնէին,
իսկ
կրելու
զգացումը
չունէին
(
ՕՄԱ.
55),
եւ
ազատ
երկիրներ
ապրելով
ազատօրէն
իրենց
հաճոյքին
կրնային
ծառայել,
մեծ
մեծ
ջարդելով
եւ
գրգռութիւններ
պատճառելով,
որոնց
հետեւանքները
իրենք
պիտի
չկրէին:
Այսպիսիներու
ուղղակի
ազդարարութիւն
հասցնելու
ալ
փոյթ
տարուեցաւ,
որ
խիղճի
հակառակ
է
այնպիսի
ձեռնարկներ
ընել,
որոնց
ձախող
հետեւանքը
ուրիշներ
պիտի
կրեն
եւ
ոչ
իրենք:
Ուրիշ
պատճառ
մըն
ալ,
որ
այդ
ընթացքին
կը
ստիպէր,
հայաբնակ
գաւառներու
բարեկարգութիւնը
երաշխաւորող
տէրութեանց
հանդէպ
անտարբերութիւնն
էր,
նոյն
իսկ
իրենց
պաշտօնական
յանձնառութեանց
հանդէպ:
Անոնք
ներքին
գաւառներու
կոտորածները
եւ
ոչ
իսկ
բողոքի
նիւթ
ըրած
էին.
Կ.
Պոլսոյ
կոտորածը
երեք
չորս
օր
իրենց
դեսպանատանց
դուռներուն
առջեւ
շարունակուած
էին
եւ
ձայն
չէին
հանած.
վեց
կուսակալութեանց
խնդիրը
մէկ
կողմ
թողլով`
ընդհանուր
կայսրութեան
ծրագիր
մշակել
սկսած
էին,
քանի
մը
ամիս
ետքը
յունական
պատերազմին
ծագելովը
ընդհանուր
ծրագիրն
ալ
ծալլեր
վերցուցեր
էին.
վերջերս
ուղղակի
եւրոպակողման
կուսակալութիւններով
զբաղիլ
սկսեր
էին
համարձակ
յայտարարելով,
թէ
առաջին
փորձը
եւրոպակողման
վրայ
յաջողցնելու
կ
՚
աշխատին,
որ
ետքը
ասիակողման
վրայ
տարածեն:
Երբոր
ներքին
գաւառներու
աղէտները
իրենց
կը
հաղորդուէին,
կը
պատասխանէին
թէ
մենք
առայժմ
միջամտել
չենք
կրնար,
եւ
օսմանեան
նախարարութեան
խօսելու
հրահանգը
կու
տար
ամենէն
արգահատող
կարծուած
տէրութեան
ներկայացուցիչը
(
ՕՄԱ.
44-46):
Ուրիշ
դեսպան
մըն
ալ
պատրիարքին
կ՚առաջարկէր
թէ
ի՞նչ
կը
մտածէ
ընել
բարեկարգութեանց
խնդիրին
մասին,
որուն
Օրմանեան
կը
պատասխանէր,
թէ
դաշնագիրը
ստորագրող
եւ
երաշխաւորող
տէրութեանց
կարգին
Հայեր
չեն
յիշուիր
(
ՕՄԱ.
87):
Երբոր
այսպէս
եւրոպական
երաշխաւորողները
կը
խուսափէին,
անհրաժեշտ
էր
դէմ
առ
դէմ
գտնուիլ
կառավարութեան
հետ,
որուն
անկարեկիր
հալածանքին
զօրութիւնը
ամենայն
ուժգնութեամբ
կը
տիրէր
կացութեան
վրայ
(
ՕՄԱ.
21):
Այդ
կացութեան
մէջ
գործելու
ստիպուած
պատրիարքն
ու
վարչութիւնը
մէկէ
տարբեր
ճամբայ
չունէին,
եւ
անկէ
քալելէ
տարբեր
ընթացք
չէին
կրնար
ունենալ:
Ինչ
որ
իրենց
կը
մնար
ընել
միջասահման
ձեւերէն
չշեղիլն
էր,
համակերպութիւնը
ստրկութեան
չտանիլ,
աղէտները
չծածկել,
բողոքները
չդադրեցնել,
անտեղութիւնները
նշաւակել,
դարմանները
պահանջել:
Այս
պարագային
մէջ
ալ,
որովհետեւ
ամենայն
ինչ
կայսեր
անձէն
եւ
կամքէն
կը
սպասուէր,
իրմէ
իրեն
բողոքել
հնար
չէր.
ուստի
ճարտար
դարձուածքով
մը
պաշտօնակալները
կ՚ամբաստանուէին
իբրեւ
կայսեր
կամքին
հակառակ
վարուողներ,
եւ
Կ.
Պոլսոյ
մէջ
ոստիկանութեան
նախարարը,
եւ
գաւառներու
մէջ
կուսակալները
պատրիարքարանի
գանգատներով
կը
նշանակուէին,
եւ
անոնք
ուղղելն
ու
սաստելը
կայսրէն
կը
պահանջուէր,
գիտնալով
հանդերձ
թէ
անոնք
պարզ
հրամանակատարներ
են
(
ՕՄԱ.
47):
Հազիւ
թէ
Օրմանեան
պատրիարքական
աթոռ
կը
բազմէր,
կուսակցականներէն
ազդարարութիւն
կ՚ընդունէր
թէ
զինքն
իրենց
համամիտ
կը
ճանչնան,
եւ
կը
սպասեն
որ
իրենց
ձեռնարկներուն
գործակցի
եւ
իրենց
ծրագիրներուն
գործադիր
ըլլայ:
Որչափ
ալ
Օրմանեան
իրեն
նախընթացովը
եւ
գործունէութեամբը,
քարոզներով
եւ
ատենաբանութիւններովը
կրնար
այդ
գաղափարը
ներշնչած
ըլլալ,
բայց
ոչ
մի
կուսակցութեան
որդեգրուած
կամ
անուն
տուած
չէր,
զի
իր
վրայ
ազդող
հեղինակութիւն
մըն
ալ
չէր
զգար
կուսակցութեան
մէջէն:
Ուստի
կը
փութար
անոնց
իմացնել
թէ
պաշտօնի
վրայ
անձնական
ուղղութիւնները
չեն
որ
պիտի
տիրեն,
այլ
պաշտօնին
պահանջը
եւ
պաշտօնավարութեան
կոչումը,
թէ
պաշտօնի
մը
պահանջին
համակիր
եւ
համակերպ
չեղողը
կրնայ
պաշտօնը
չընդունիլ
կամ
պաշտօնէ
քաշուիլ.
բայց
եթէ
պարտաւոր
կը
լինի
պաշտօնը
ընդունիլ,
ինչպէս
իրեն
հանդիպած
էր
(§
2997),
այլեւս
պէտք
էր
ուղղութեանը
հնազանդիլ,
այն
ուղղութեան
զոր
արդէն
բացատրեցինք
(
ՕՄԱ.
22):
Ուստի
իրենց
կը
զգացնէր
թէ
ազգը
վիրաւորուած
եւ
հարուածուած
եւ
շատ
արիւն
կորսնցուցած
եւ
տկարացած
հիւանդ
մըն
է,
որուն
վրայ
անհնար
է
սաստիկ
դեղեր
եւ
բուռն
ցնցումներ
փորձել,
եւ
ոչ
ալ
անոր
մարմինէն
արիւն
հանելու
համարձակութիւն
ունենալ,
հիւանդը
ամէն
կողմէ
հանդարտութեան
պէտք
կը
յայտնէ
եւ
կը
պահանջէ,
եւ
այլապէս
գործել
հնար
չէ
(
ՕՄԱ.
46):
Հրապարակաւ
ալ
բեմերուն
վրայէն
կը
յայտարարէր
թէ
փոթորիկի
մատնուած
նաւապետէն
չի
կրնար
պահանջուիլ
որ
հովերը
զսպէ
եւ
փոթորիկը
հանդարտեցնէ,
այլ
իր
ընելիքն
է
միայն
չշփոթի
եւ
միտքի
հանդարտութիւնը
չկորսնցնել,
չյուսահատիլ
եւ
նաւը
չլքանել,
կոհակներուն
եւ
հովերուն
ուղղութեան
համեմատ
դառնալ,
մինչեւ
իսկ
պատահական
եւ
մասնաւոր
զոհողութիւններէ
չքաշուիլ,
բաւական
է
որ
նաւը
ողջառողջ
պահէ
եւ
նաւահանգիստ
առաջնորդէ,
հոգ
չէ
որ
ճանպան
փոխէ
եւ
երկնցնէ
(
ՕՄԱ.
45):
Համարձակաձայն
բարբառով
ալ
կը
յայտարարէր
թէ
իրեն
առաջին
պարտք
կը
ճանչնայ
ազգին
գոյութեանը
աշխատիլ,
եւ
թէ
զայդ
ապահովելէ
ետքը
հնար
է
ապագայի
եւ
զարգացման
խնդիրներ
յուզել:
Այդ
տեսութիւնները
կը
կանխենք
արձանագրել,
որպէսզի
պատրիարքի
եւ
վարչութեան
հետեւած
ընթացքին
իսկութիւնը
միանգամ
ընդմիշտ
բացատրած
ըլլանք,
պարզապէս
պատմական
տեսակէտով
եւ
ոչ
ջատագովական
նպատակով:
3001.
ԸՆԹԱՑՔՆ
ՈՒ
ԱՐԴԻՒՆՔԸ
Օրմանեանի
պաշտօնավարութեան
առաջին
ժամանակամիջոց
կրնանք
համարել
1896
նոյեմբեր
20-ի
ուխտի
օրէն
մինչեւ
1897
օգոստոս
6-ի
արկածին
օրը
անցնող
ութ
ու
կէս
ամիսները:
Այս
ամիսները
գրեթէ
փոխադարձ
պայմանագրեալ
փորձի
մը
միջոց
եղած
էր,
որպէսզի
պատրիարքի
կողմէն
գործադրուած
հանդարտեցուցիչ
ձեռնարկները
փոխանակուին
արքունեաց
կողմէ
գործադրուած
բարեացակամ
տնօրինութիւններով
եւ
հալածանաց
դադարմամբ:
Վերեւ
յիշուած
1896
դեկտեմբերի
ներումը
(§
2998)
արդիւնքէ
աւելի
գրաւական
կը
նկատենք
եւ
անոր
վրայ
չենք
ծանրանար:
Բայց
արդիւնքն
էր
փախստականներու
ազատ
եւ
ապահով
վերադարձին
համար
ստացուած
պայմանաժամը,
ուսկից
12.
000
հոգիներ
(97.
ԱՐՐ.
526)
եւ
աւելի
ալ
օգտուեցան
իրենց
տուները
դառնալու
եւ
լքած
ընտանիքնին
հոգալու
ու
գործերնին
շարունակելու:
Արդիւնք
էին
նաեւ
նորէնոր
կասկածի
ներքեւ
ինկողներու
եւ
զանազան
պատճառներով
ձերբակալուածներու
եւ
դատապարտուածներու
համար
ստացուած
մասնաւոր
ներումները:
Արդիւնք
էին
նմանապէս
առաջնորդներէն
հալածանքի
եւ
հակառակութեան
ենթարկուողներուն
անհակառակ
տեղերնին
թողուիլը,
եւ
պակսած
տեղեր
տեղապահներ
հասցնելու
դիւրութիւնները:
Արդիւնք
էին
վերջապէս
յետամնաց
տուրքերու
ներումը,
եւ
նոր
գանձումներու
յետաձգման
համար
ստացուած
հրամանները:
Ամենէն
աւելի
մեծ
եղած
է
կոտորածներու
պաշտօնապէս
դադարման
արդիւնքը:
Մոլեգին
խուժանը
տակաւին
զգալի
նշան
մը
տեսած
չէր,
որ
ստիպուէր
ձեռք
քաշել
ջարդէն
ու
թալանէն,
ուստի
համարձակեցաւ
նոր
փորձ
մը
եւս
ընել
Եւդոկիոյ
վրայ,
1897
մարտ
7-ին:
Պատրիարքը
ուժգնակի
բողոքեց,
եւ
մինչ
նախընթաց
առիթներուն
մէջ
ջարդուողները
կը
դատապարտուէին,
այս
անգամ
յատուկ
քննիչներ
յղուեցան
Կ.
Պոլիսէ,
ատեան
կազմուեցաւ,
դատաստան
տեսնուեցաւ,
ջարդին
մասնակցող
թուրքերէն
72
հոգի
զանազան
դատապարտութիւններ
կրեցին,
եւ
պատիժնին
լրացնելու
համար
ափրիկեան
Տրիպոլիս
փոխադրուեցան:
Ասով
ամբոխը
զգաց
թէ
այլեւս
ազատ
չէ
անպատիժ
կերպով
ջարդել
եւ
կոտորել,
աւերել
եւ
աւարել,
եւ
միանգամ
ընդմիշտ
կոտորածներուն
վերջ
տրուեցաւ
(
ՕՄԱ.
57):
Արդիւնքներու
շարքին
պէտք
է
անցնի
նաեւ
պատրիարքարանի
հանդէպ
ցոյց
տրուած
վստահութիւնը,
որուն
պարզ
խօսքին
կամ
առաջարկին
վրայ
արգիլեալ
երթեւեկները
կը
դիւրանային,
եւ
դուրսէ
եկողներուն
մասին
քննութիւններ
կը
կարճէին:
Պանդխտութեան
վարժուող
Քղեցիներէն
երեք
հարիւր
հոգւոյ
խումբ
մը
մայրաքաղաք
վերադառնալ
արտօնուեցաւ,
այլ
անոնց
անմիջապէս
արտասահման
մեկնիլը
գործին
շարունակութիւնը
չքաջալերեց
(
ՕՄԱ.
57):
Համարձակ
պէտք
է
ըսենք,
թէ
Օրմանեան
Ղալաթիոյ
քարոզչութեան
եւ
Կարնոյ
առաջնորդութեան
օրերէն
սկսելով
յայտնի
հակառակորդ
եղած
էր
գաւառացիներու
պանդխտութեան,
որ
հայաբնակ
գաւառներու
հայաբնակութիւնը
կը
նուազեցնէր,
լքեալ
ընտանիքները
խեղճութեան
կը
մատնէր,
եւ
քաղաքներու
ու
նաւահանգիստներու
մէջ
պանդուխտ
բազմութեան
կենցաղականն
ու
բարոյականը
կ՚ապականէր:
Նա
Հայերուն
իրենց
ծննդավայրին
մէջ
մնալուն
եւ
աճելուն
մեծ
քարոզիչն
եղած
էր
որ
եթէ
գաւառացին
տեղական
դժուարութիւններու
դիմաց
կը
գտնուէր,
այն
ալ
օգտակար
կը
սեպէր
անոր
միտքը
սրելու
եւ
սիրտը
ժրելու
եւ
իր
բնագաւառին
մէջ
իր
բարօրութիւնը
պատրաստելու:
Այդ
ձեւը
նպաստաւոր
կը
դատէր
նոյն
իսկ
հայկական
խնդիրին
տեսակէտով.
զի
հայկական
տարրին
նուազելովը
հայկական
խնդիրին
գետինն
ալ
կը
վնասուէր,
կալուածն
ալ
կը
վտանգուէր:
Այս
վնասէն
ազատելու
համար
հարկ
էր
հայ
տարրը
աճեցնել,
ընդարձակել,
դաստիարակել,
հարստացնել,
հողատէր
ընել
եւ
հոգալ,
հայկական
խնդիրին
ամրանալուն
ծառայել:
Ահա
Օրմանեանի
եւ
վարչութեան
տեսակէտը,
անպատրաստ
եւ
ապաժաման
եւ
անբաւական
փորձերէ
եւ
ցոյցերէ
խուսափիլ,
որոնք
ազգը
եւս
քանզեւս
տկարացնելու
եւ
վտանգելու
կ՚առաջնորդէին:
Այս
նպատակով
էր
որ
չաշխատեցան
Հայուն
տեղէն
ելնելը
դիւրացնելու,
այլ
մանաւանդ
աշխատեցան
դուրս
ելնողներուն
անպայման
եւ
համարձակ
վերադարձին,
եւ
բոլոր
փախստական
եւ
ցրուած
Հայերուն
իրենց
տեղերը
դառնալուն:
Նոր
վարչութեան
առաջին
ժամանակամիջոցին
մէջ
հաստատուած
հանդարտութիւնը
եւ
պետական
կասկածներ
արթնցնող
դէպքերու
նուազումը,
հետզհետէ
բարձրագոյն
վստահութիւն
ալ
կ՚արդիւնաւորէր,
եւ
ասոր
իբր
յայտնի
նշանակ
պէտք
է
ընդունիլ
1897
յունիս
18-ի
ներքին
գործոց
նախարարութեան
պաշտօնական
հրահանգը,
յատկապէս
հայաբնակ
վեց
կուսակալութեանց
ուղղուած,
որով
վեց
պետութեանց
հետ
համաձայնութեամբ
հաստատուած
32
յօդուածները
կը
յիշատակուին,
եւ
պաշտօնեաներու,
ոստիկաններու
եւ
դատարաններու
անձերուն
եւ
խառն
կազմութեան
համար
որոշակի
կերպեր
եւ
թիւեր
կը
ցուցուին
(97.
ՃԷՐ.
3630),
եւ
այն
որ
ժամանակին
ծածկուած
եւ
կոտորածի
առաջնորդած
էր,
այս
անգամ
կը
յայտնուէր
եւ
պաշտպանութեան
կերպարան
կը
զգենուր:
Հետեւաբար
իրաւամբ
կրնանք
եզրակացնել
թէ
ազգին
համար
ամենէն
աւելի
նպաստաւոր
ատեններէն
մին
եղած
էր
1897
տարւոյ
ամառը,
երբ
նոր
վարչութեան
գործի
ձեռնարկելէն
ի
վեր
գրգռիչ
պատահարներ
դադրած
էին
(
ՕՄԱ.
18).
սակայն
դժբախտաբար
1897
օգոստոսի
ռումբը
վերիվայր
յեղաշրջեց
յառաջացեալ
պատրաստութիւնը
(
ՕՄԱ.
19):
3002.
ՕԳՈՍՏՈՍԻ
ՌՈՒՄԲԸ
Ինչ
որ
մենք
իբրեւ
օգտակար,
մանաւանդ
թէ
իբրեւ
օրինական
պահանջ
կը
ներկայացնենք,
համաձայն
չէր
կուսակցական
գործիչներու
սեւեռեալ
տեսակէտին
եւ
նախակարգեալ
ծրագիրին,
կամ
իրենց
կացութեան
եւ
կենցաղին,
կամ
նոյն
իսկ
իրենց
զեղխ
կեանքին,
ինչպէս
հրապարակաւ
ալ
իրենց
մասին
խօսուեցաւ,
իբր
զի
կուսակցական
շարժումին
անուամբ
կատարուած
յօժար
կամ
բռնի
հանգանակութիւններն
էին
իրենց
ապրուստի
եւ
վայելքի
միջոցները:
Նոր
վարչութեան
նախադասած
ձեւը
կը
տկարացնէր
կամ
կը
դադրեցնէր
այդ
առթիւ
ձեռք
ձգուած
նիւթական
օգուտը.
իրենց
կարծիքով
կը
վնասէր
հայկական
խնդիրին
գոյութեանը,
որուն
միակ
եղանակ
կը
կարծէին
աղէտներ
շատցնել,
որոնցմէ
պիտի
բղխէր
Եւրոպիոյ
գրգռուիլը,
եւ
Եւրոպիոյ
գրգռուելէն
պիտի
ծագէր
օսմանեան
կայսրութեան
ստիպուիլը,
եւ
ասոր
ստիպուելէն
հայաբնակ
գաւառներու
բարեկարգութիւնն
եւ
Հայոց
բարօրութիւնը,
հոգ
չէ
թէ
ջարդուելով
եւ
կողոպտուելով,
աղքատանալով
եւ
սպառուելով:
Ահա'
այն
մտայնութիւնը
որ
տեղի
տուաւ
1897
օգոստոս
6-ի
արկածալից
ցոյցին:
Այս
անգամ
իրենց
ցոյցին
յենարան
կ՚որոշէին
բարձրագոյն
դուռը
եւ
կործանիչ
ռումբ
մը
կը
պայթեցնէին
բարձրագոյն
դրան
շէնքին
ներքեւ,
ժողովի
հաւաքուած
ամբողջ
նախարարութիւնը
միանգամայն
կոտորելու
համար.
սակայն
տեղն
ու
ժամը
շփոթելով,
կամայ
թէ
ակամայ
չենք
գիտեր,
շէնքին
երկրորդական
մի
մասին
վնասելէ,
եւ
սպասաւոր
մը
սպանելէ
եւ
երեք
սպասաւոր
ալ
վիրաւորելէ
աւելի
հետեւանք
չէր
ունենար:
Ռումբ
մըն
ալ
Բերայի
կառավարչատան
առջեւ
կը
պայթեցնեն,
եւ
հատ
մըն
ալ
Ղալաթիոյ
օսմանեան
դրամատան
մէջ
չպայթած
կը
բռնուի
(97.
ՃԷՐ.
3672):
Միեւնոյն
ատեն
ազգային
վարչութիւնն
ալ
հաւաքուած
էր
Ղալաթիոյ
ժողովարանը,
եւ
ձայնը
լսուելուն
եւ
եղելութիւնը
հասկցուելուն
վրայ
նոյնհետայն
պատրիարքը
Եըլտըզի
կայսերական
պալատը
կը
փութայ,
եւ
եղելութեան
վրայ
ցաւ
յայտնելով,
կը
խնդրէր
որ
դաւաճանութեան
յանդգնողներէն
զատ
ուրիշի
վրայ
ձեռք
չդրուի,
ամբոխական
շարժումը
արգիլուի,
զինուորական
եւ
ոստիկանական
եւ
քաղաքական
իշխանութեանց
չափաւորութիւն
եւ
կանոնաւորութիւն
յանձնարարուի,
գաւառներ
հրամաններ
ղրկուին,
օրինական
գործողութիւններէն
զատ
որ
եւ
է
կամայականութիւն
չներուի,
մէկ
խօսքով
օրէնքին
ներածէն
զատ
գործողութիւն
չըլլայ,
ձերբակալութիւններ
չընդարձակուին
եւ
հետապնդումներ
չտարածուին,
հալածանքներ
արգիլուին:
Կայսրը
գոհ
մնալով
ուղղակի
իրեն
եղած
դիմումէն,
իսկոյն
ամէն
կողմ
հեռագրական
եւ
հեռաձայնական
հրամաններ
հասցնել
կը
հրամայէր,
եւ
իրօք
տեղւոյն
վրայ
ձեռք
ինկողներէն
եւ
անոնց
խոստովանութեամբը
ցուցուած
գործակիցներէն
չափաւոր
թուով
անձերու
վրայ
ձեռք
կը
դրուի,
որոնցմէ
տասը
հոգի
միայն
դատարանի
կը
յանձնուին,
եւ
անոնցմէ
ութը
մահուան
կը
դատապարտուին,
եւ
մահու
պատիժն
ալ
բերդարգելութեան
կը
փոխուի
(97.
ՄՇԿ.
105):
Միւս
կողմէ
մայրաքաղաքի
եւ
գաւառներու
մէջ
հաւասարապէս
զգուշութիւններ
կը
կատարուին,
որ
ամբոխային
եւ
խուժանային
շարժումներու
դուռ
չբացուի
եւ
խլրտումներ
ալ
զսպուին
(
ՕՄԱ.
57),
եւ
այսպէս
կը
վերջանայ
պատահար
մը,
ուսկից
շատ
թեթեւներ
անցեալին
մէջ
կոտորածներու
պատճառանք
եղած
էին:
Սակայն
այդ
արդիւնքը
հաճելի
չեղաւ
կուսակցական
գործիչներուն,
որոնց
ծրագիրով
աղէտներ
կոտորած
մը
պէտք
էր
յառաջ
բերէին,
որ
հայկական
խնդիրը
վերանորոգուէր
եւ
արդիւնաւորուէր,
իբր
թէ
մեծ
օգուտներ
յառաջ
եկած
ըլլային
1894-ի
եւ
1896-ի
կոտորածներէն
(§
2982)
եւ
ցոյցերէն
(§
2994),
զի
կարծես
թէ
օգոստոս
14-ի
ցոյցին
տարեդարձը
տօնել
կ՚երեւակայուէր:
Այս
դիպուածով
այլեւս
կուսակցական
գործիչներու
աչքին
վերջացաւ
Օրմանեանը
իրենց
ձեռնարկներուն
գործակից
գոնէ
քաջալերիչ
տեսնելու
ակնկալութիւնը,
եւ
այն
օրէն
կը
սկսէր
սպառնական
եւ
ահացուցիչ
նամակներուն
շարքը,
որ
չդադրեցաւ
անոր
պատրիարքութեան
ամբողջ
ժամանակը:
Անոնց
պահանջն
էր
կամ
իրենց
գործակից
ըլլալ
կամ
թէ
աթոռէն
հրաժարիլ,
սակայն
Օրմանեան
երկուքին
ալ
չհամաձայնեցաւ:
Գործակցութիւնը
վտանգաւոր
արկածախնդրութիւն
դատեց,
արդէն
նախորդ
պատրիարքներու
օրէն
անպտուղ
եւ
վնասակար
դարձած.
իսկ
պաշտօնէ
քաշուիլն
ալ
ազգին
դէմ
դաւաճանութիւն
կ՚ըլլար
վտանգի
ատեն,
նաւը
լքանող
նաւապետի
մը,
կամ
բանակէն
փախչող
զօրավարի
մը
վատութեան
համահաւասար.
զի
շատ
կեղակարծ
էր
նոր
ընտրութեան
հաւանականութիւնը,
եւ
շատ
անստոյգ
անոր
օգտակարութիւնը:
Հազիւ
թէ
ազգը
օրինական
ձեւերով
կազմուած
վարչութիւն
մը
կրցած
էր
ունենալ,
զայն
տապալելը,
անգլուխ
ազգը
արկածներու
մատնել
ըսել
էր:
Այդ
կացութիւնը
շարունակեց
մինչեւ
Օրմանեանի
պատրիարքութեան
վերջը,
եւ
Օրմանեան
իսկապէս
սալին
ու
մուրճին
մէջտեղը
մնացող
երկաթին
դերը
վարեց,
մէկ
կողմէն
սալին
պնդութեան
եւ
միւս
կողմէ
մուրճին
ելեւէջներուն
հարուածները
կրելով:
Սակայն
այդ
կացութեան
մէջ
ալ
ինչ
ինչ
յաջողութիւններ
ձեռք
բերուեցան,
որոնց
կարգին
յիշենք
1898
ապրիլ
15-ին
հրամայուած
25
աշակերտաց
պետական
վարժարաններու
մէջ
ձրիաբար
գիշերօթիկ
ընդունուիլը,
եւ
օգոստոս
20-ին
Ազգային
Հիւանդանոցին
նուիրուած
օրական
պարէնին
600
քաշ
հացի
եւ
150
քաշ
միսի
բարձրանալը:
3003.
ՆՊԱՍՏԻՑ
ԳՈՐԾԸ
Նոր
վարչութեան
վրայ
դրուած
կարեւորագոյն
գործերէն
մէկն
ալ
նպաստից
հոգածութիւնն
էր:
Ընդհանուր
կոտորածէն
տարի
ու
կէս
անցած
էր.
չենք
ըսեր
թէ
Իզմիրլեան
պատրիարք
բան
մը
ըրած
չէր,
կամ
թէ
Չամիչեան
տեղապահի
ժամանակ
բան
մը
եղած
չէր.
կառավարութիւնը
յատուկ
յանձնաժողով
մը
հաստատած
էր
եւ
մայրաքաղաքի
մէջ
ազգային
մարմին
մըն
ալ
կազմուած
էր
Ալէաթճեան
եպիսկոպոսի
նախագահութեամբ,
եւ
տարագրելոց
յանձնաժողով
մըն
ալ
հաստատուած
էր.
այս
եկեղեցական
սպասներ
եւ
զգեստներ
եւ
գիրքեր
հոգալու
համար,
եւ
այս
վտարեալ
պանդուխտներուն
գոյքերը
եւ
հաշիւները
ամփոփելու
համար:
Դիմումներ
եղած
էին
մասնաւորներու
եւ
Էջմիածնի
եւ
Երուսաղէմի
տպարաններուն,
եւ
հացակարօտ
բազմութեան
ալ
նպաստ
հասցնելու
աշխատուած
էր,
սակայն
հիմնական
կարգադրութիւն
մը
եղած
չէր,
եւ
կացութիւնը
փոխարկելու
չափ
արդիւնք
տեսնուած
չէր.
խեղճութիւնն
ու
կարօտութիւնը
իրենց
ամբողջական
վիճակը
կը
պահէին,
եւ
գլխաւորապէս
որբերու
հոգածութեան
ձեւ
մը
հաստատուած
չէր:
Օտարազգի
մարդասէրներ
ձեռք
կարկառելու
սկսած
էին,
եւ
Անգղիայէ
ու
Գաղղիայէ,
Գերմանիայէ
ու
Հելուետիայէ
գումարներ
հասցնողներ
եւ
անձամբ
աշխատողներ
եկած
էին,
սակայն
նպաստը
պէտքին
համաչափ
չէր
եւ
ոչ
ալ
կրօնական
քարոզչութենէ
զերծ
էր,
յատկապէս
կաթոլիկականը:
Հետեւաբար
գործը
տակաւին
իր
լրմամբը
կը
ներկայանար
նոր
վարչութեան
առջեւ
եւ
նոր
պատրիարքի
աչքին,
որոնք
արկածելոց
նպաստն
ու
դարմանը
իրենց
պաշտօնավարութեան
գլխաւոր
գործը
եւ
անհրաժեշտ
պէտքը
ճանչցան,
եւ
այդ
գործով
զբաղիլ
սկսան
1896
նոյեմբեր
27-ին,
ուխտի
նիստէն
եօթն
օր
ետքը
գումարուած
իրենց
առաջին
նիստին
մէջ:
Առաջին
անգամ
դեկտեմբեր
27-ին
տէրութեան
արտօնութեամբ
կարօտելոց
ազգային
յանձնաժողով
մը
կազմել
փորձեցին,
բայց
յաջողութեան
հաւանականութիւն
չտեսնելով`
1897
տարեմուտին
պատրիարքը
յատուկ
կոնդակով
մասնաւոր
նուէրներու
եւ
առձեռն
նպաստներու
ձեւին
թափեց
գործը
իր
անհատական
նախաձեռնութեան
եւ
պատասխանատուութեան
ներքեւ,
բայց
միւս
կողմէ
պետական
արտօնութիւնը
ձեռք
ձգելու
աշխատութիւնը
չդադրեցաւ,
եւ
միայն
երբոր
չյաջողեցաւ
1897
մարտ
28-ին
պետական
յանձնաժողովին
երեք
անդամակից
տալ
առաջարկուեցաւ.
բայց
մինչեւ
որ
յաջողէր
յանձնաժողովին
գործառնութիւնները
վերջացան,
եւ
նպաստից
գործին
ուրիշ
ձեւ
չմնաց,
բայց
եթէ
տարեմուտին
բացուած
անհատական
ձեռնարկը
եւ
պետական
յանձնաժողովին
մնացորդէն
մասնաւոր
գումար
մը:
Պատրիարքին
պնդելուն
վրայ
նպաստից
հսկող
ազգային
մարմին
մը
կազմուեցաւ,
որ
երբեք
ժողովական
կազմակերպութիւն
չունեցաւ
եւ
իր
անունով
գործելու
եւ
ստորագրելու
չմիջամտեց,
եւ
բոլոր
պաշտօնական
ձեւակերպութիւնները
միայնոյ
պատրիարքին
անձին
թողուց:
Այդ
մասին
պատրիարքին
դուրսէն
դիտողութիւններ
պակաս
չեղան,
առանց
յատուկ
արտօնութեան
գործելուն
մասին,
որոնց
նա
համարձակ
կը
պատասխանէր
թէ
ողորմութիւն
բաշխել
իր
կոչումին
ու
աստիճանին
սեփական
գործն
է,
եւ
բաշխելու
համար
հաւաքելու
պէտք
ունի,
եւ
թէ
հարուստէն
առնելու
աղքատին
տալու
իրաւունքը
ոչ
ոք
կրնայ
իրեն
զլանալ:
Միայն
տոմսով
ու
տոմարով
հանգանակութիւն
բանալու
ձեւէն
զգուշացաւ,
եւ
ամենայն
ինչ,
նպաստ
ուզելն
ալ,
գումարի
հանելն
ալ,
պատրիարքական
կոնդակներով
եւ
սովորական
նամակներով
կատարեց:
Հսկող
մարմինը
առաջին
անգամ
կազմուած
էր,
մէկ
կրօնական
ժողովէ,
երկու
քաղաքականէ,
մէկ
ալ
դիւանէ
եւ
չորս
ալ
դուրսէն
առնուած
անդամներով:
Սակայն
դուրսէն
առնուածները
եւ
ոչ
իսկ
մօտեցան.
մինչեւ
իսկ
իրենց
մէջ
խոհականագոյն
եղող
անձը,
Սահակ
Ղազարոսեան,
գործը
վտանգաւոր
տեսնելուն,
պատրիարքն
իսկ
ետ
կենալու
կը
յորդորէր:
Սակայն
անհրաժեշտ
պէտքին
առջեւ
հնար
չէր
որ
պատրիարքը
ետ
կենար,
եւ
առանց
վարանման
գործը
շարունակեց
իր
անձնական
պատասխանատուութեան
ներքեւ:
Իսկ
հսկող
մարմինէն
չորս
արտաքիններուն
քաշուելուն
վրայ,
չորս
ներքինները
մինչեւ
աստիճան
մը
շարունակեցին
եւ
ծանուցեալ
պաշտօններու
քօղին
ներքեւ
աջակցեցան
հաշիւները
տեսնելու
եւ
խորհուրդ
տալու
շրջանակին
մէջ
(
ՆՊՍ.
1-2):
Այդ
ձեւը
հրապարակաւ
ալ
ծանուցուեցաւ,
եւ
գումարումներ,
հասած
նուէրներ,
յղուած
նպաստներ,
որոշուած
ձեւեր
լրագիրներով
ալ
հրատարակուեցան,
եւ
կառավարութիւնը
աչք
գոցեց,
լսած
ու
չիմացած
ըլլալու
բարեհաճութիւնը
պահեց,
եւ
այնպէս
ալ
շարունակեց
մինչեւ
վերջը:
Երբոր
ընկերութեանց
անունն
իսկ
տալ
հնար
չէր,
եւ
հետեւաբար
Միացեալ
Ընկերութեան
դպրոցական
գործն
ալ
նպաստից
գործին
միացնել
անհրաժեշտ
եղաւ,
հսկող
մարմինին
երկուք
ալ
ուսուցիչներ
աւելցան
իբրեւ
խորհրդակից,
եւ
այսպէս
շարունակուեցաւ
մինչեւ
1901,
երբ
հսկող
ընկերներուն
յոգնելուն
եւ
թուլնալուն
պատճառով
յանձնաժողովը
վերանորոգուեցաւ
1902-ին
դրամատէր
դասակարգէն
առնուած
հինգ
երիտասարդ
ոյժերով:
Ասոնք
ալ
մինչեւ
1906
շարունակեցին
եւ
հետզհետէ
քաշուեցան,
եւ
դժուար
եղաւ
այլեւս
երրորդ
յանձնաժողով
մը
կազմել
(
ՆՊՍ.
3),
գործն
ալ
նուազած
ըլլալով,
եւ
պատրիարքը
շարունակեց
նպաստից
գործը
մինչեւ
իր
հրաժարիլը
1908-ին,
արդէն
ալ
սկիզբէն
գործունէութիւնը
ամբողջ
անոր
վրայ
ծանրացած
էր
(
ՕՄԱ.
59):
Նպաստից
գործին
սկզբնաւորութեան
եւ
կերպաւորութեան
վրայ
խօսելնէս
ետքը
պէտք
էր
անոր
գործառնութեանց
մասին
ալ
տեղեկութիւններ
տալ,
սակայն
գործին
ընթացքը
այնպէս
միապաղաղ
շաղկապեալ
է,
որ
դժուար
պիտի
ըլլար
զայն
տարիներու
կամ
շրջաններու
վրայ
բաժնել,
ուստի
յարմարագոյն
կը
դատենք
առ
այժմ
լռել,
եւ
Օրմանեանի
պատրիարքութեան
վերջը
այդ
մասին
լիուլի
ամփոփում
մը
տալ:
Այստեղ
բաւական
ըլլայ
գիտնալ
թէ
նպաստից
բաշխումները
ընդարձակուեցան.
1.
վիճակներու.
2.
որբանոցներու.
3.
վարժարաններու.
4.
առաջնորդարաններու.
5.
բանտերու
եւ
6.
զանազաններու
ճիւղերով:
Իսկ
մուտքերը
հաւաքուեցան
աշխարհի
ամէն
կողմերէն,
եւ
Թուրքիա,
Ռուսիա,
Եւրոպա,
Ամերիկա
հաւասարապէս
մասնակցեցան,
ոչ
միայն
ազգայիններ
այլեւ
օտարազգիներ:
Գործառնութիւնք
սկսան
նոր
վարչութեան
հաստատուելէն,
բայց
1896
տարւոյ
քանի
մը
օրերը
1897
տարւոյն
կցուեցան.
աւելի
արդիւնաւոր
եղան
առաջին
տարիները,
զի
եւ
պէտքերն
ալ
աւելի
էին:
Վերջապէս
յիշենք
թէ
1896-է
1908
տասներկու
տարիներու
մուտքը
82.
447
օսմանեան
ոսկւոյ
լրացաւ
(
ՆՊՍ.
ԺԱ.
),
որչափ
ինչ
որ
մի
նպաստից
ազգային
ձեռնարկ
յաջողած
էր
իրականացնել
մինչեւ
այս
ատեն:
3004.
ՆԱԽՆԱԿԱՆ
ՀՈԳԱԾՈՒԹԻՒՆՔ
Վարչական
գործունէութեան
մանրամասն
տեղեկութիւնները
տալ
ոչ
հնար
է
եւ
ոչ
կը
պահանջուի
ընդհանուր
անցից
պատմագիրէն,
մեր
միտքն
ալ
այդ
չէ.
բաւական
ըլլայ
ուրեմն
գիտնալ
թէ
պատրիարքարանի
կազմը
այնքան
շփոթած
եւ
անկերպարան
դարձած
էր,
եւ
այնչափ
լքուած
ու
խառնուած
էին
ամենէն
սովորական
գործերն
իսկ
որ
նոր
վարչութիւնը
պարտաւորեալ
զգաց
զինքն
ընդհանուր
գործունէութեան
ծրագիր
մը
կազմել,
եւ
գրեթէ
վարչական
ընթացքը
նորինորոյ
կազմակերպել:
Նախ
եւ
առաջ
Խառն
ժողովը
գործունէութեանց
ճիւղեր
հաստատեց
եւ
իւրաքանչիւր
ճիւղին
համար
իր
մէջէն
մասնախումբեր
որոշեց,
թէ
յետամնաց
դիզուած
թուղթերը
գտնելու
եւ
զննելու,
եւ
թէ
նոր
եկողները
ուսումնասիրելու,
եւ
նիւթերը
ծեծուած
ու
պատրաստուած
ժողովներուն
հաղորդելու,
որպէսզի
առանց
ժամավաճառութեան
որոշումները
տրուին
եւ
գործադրութիւնները
փութացուին
(97.
ԱՐԵ.
119):
Յառաջնութիւն
պահանջող
գործերէն
մին
եղաւ
առաջնորդական
խնդիրը,
որուն
համար
պատրիարքը,
Յովհաննէսեան
եպիսկոպոսի
եւ
Նորատունկեան
Գաբրիէլի
խորհրդակցութեամբ,
1897
փետրուար
11-ին
ընդարձակ
վիճակացոյց
տեղեկագիր
մը
ներկայեց
(97.
ՃԷՐ.
3528
եւ
97.
ԱՐՐ.
87-89):
Այս
տեղեկագիրէն
կը
քաղուէր
թէ
Տաճկահայոց
բովանդակ
65
վիճակներէն
7
միայն
առաջնորդ
ունէին
եւ
20
ալ
առժամեայ
տեղապահներով
կը
կառավարուէին,
որով
38
վիճակներ
անտէրունչ
կը
մնային,
կամ
թէ
34-ը
եթէ
հաշիւէ
դուրս
թողունք
Երուսաղէմի
չորս
թեմերը.
սակայն
ուրիշ
տաս
վիճակներ
կային,
որոնք
65
վիճակներու
ցուցակին
անցած
չէին,
բայց
օրինաւոր
առաջնորդներով
կառավարուելու
կարեւորութիւն
ունէին:
Կ.
Պոլսոյ
մէջ
կը
գտնուէին
30-ի
մօտ
կուսակրօն
եկեղեցականներ,
որոնք
առանց
որոշ
պաշտօնի
եկեղեցիներու
քարոզչութեամբ
կը
զբաղէին.
ասոնցմէ
ոմանք
տարիքի
եւ
ոմանք
առողջութեան
պատճառով,
իսկ
աւելի
շատեր
ժամանակին
դժուարութեանց
պատճառանքով
պաշտօնէ
կը
խուսափէին:
Տեղեկագիրը
16-ին
համար
վիճակներ
կ՚առաջարկէր,
քանի
մը
վարդապետ
ալ
Երուսաղէմէ
ուզել
կը
յիշեցնէր,
իսկ
Դպրեվանքի
նորահաս
վարդապետները
մեծ
վիճակներու
եւ
փորձառու
առաջնորդներու
մօտ
իբրեւ
օգնական
յղել
կը
թելադրէր:
Այս
տեղեկագիրին
հետեւողութեամբ
վարչութիւնը
լրջօրէն
ձեռք
առաւ
առաջնորդութեանց
կարգադրութիւնը,
եւ
դժուարութիւնները
հարթելով
ու
պարագայից
յարմարելով
շատ
տեղեր
թէ
ոչ
ընտրելագոյն`
գոնէ
հնարաւոր
տեղապահներ
յղեց
իբրեւ
առժամեայ
առաջնորդներ
պետական
հրովարտակով
զօրացած:
Մինչեւ
իսկ
իր
կողմէ
տեղապահներուն
ծախքերը
եւ
մասամբ
պահպանութիւնն
ալ
վրան
առաւ,
կարեւորագոյն
նպաստ
սեպելով
այդ
հոգածութիւնը:
Առաջնորդութեանց
համահաւասար
կարեւոր
էր
վարժարանաց
գործն
ալ,
որ
մայրաքաղաքէն
սկսելով
ամէն
տեղ
խանգարուած
էր:
Հեռաւորներուն
համար
հրահանգներ
եւ
մասնաւոր
որոշումներ
եղան
ձեռնտուութեամբ
ուսումնական
խորհրդոյ,
որ
կարող
եւ
աչալուրջ
եւ
անձանձիր
աշխատող
անդամներով
կազմուած
ընտիր
մարմին
մը
եղաւ,
ատենապետութեամբ
բժշկապետ
Վահրամ
Թորգոմեանի:
Կարօտներու
համար
ալ
նպաստներ
սկսան
յղուիլ:
Մայրաքաղաքի
մէջ
Օրմանեան
ինքն
ալ,
իբրեւ
վաղեմի
ուսուցիչ,
ձեռք
առաւ
թաղական
վարժարաններու
պարբերական
այցելութիւնները,
խելամտելով
եւ
հետապնդելով
կանոնաւոր
ներքին
կազմութիւնները
եւ
օրինաւոր
դասաւանդութեան
պայմանները:
Գլխաւոր
ձեռնարկներէն
մին
եղաւ
նախակրթական
ծրագիրին
միատեսակ
եւ
պարտաւորիչ
ձեւը,
որով
քաղաքին
մէջ
թաղէ
թաղ
կամ
գաւառաց
մէջ
գիւղէ
գիւղ
փոխադրուող
աշակերտներ
ազատ
պիտի
մնային
ծրագիրներու
եւ
ընթացքներու
անյարմարութենէ
առջեւ
եկող
ժամանակի
կորուստէն:
Տարիներ
առաջ
պատրաստուած
բայց
կիրառութեան
չհրամայուած
ծրագիր
մը
երեւան
եկաւ,
որ
անգամ
մըն
ալ
աչքէ
անցուելով
եւ
տպագրուելով
ցրուեցաւ
եւ
գործադրութեան
մտաւ,
առանց
զանց
ընելու
ազգային
պատմութեան
աւանդումն
ալ:
Կրթական
գործին
մաս
մը
կազմէր
նաեւ
օտարազգի
եւ
օտարադաւան
մարմիններու
կողմէ
խնամուած
որբերուն
հոգը:
Հնար
չէր
օտարաց
մարդասիրական
օգնութիւնը
անարգել,
եւ
ոչ
ալ
հնար
էր
հինգ
բիւր
որբերու
հոգածութիւնը
լիովին
ստանձնել.
բայց
միանգամայն
հարկ
էր
արթուն
մնալ,
որպէսզի
մեր
որբեր
իրենց
լեզուէն
եւ
հայ
կրօնքէն
չհեռանան
եւ
ազգութեան
համար
կորած
չըլլան,
որ
կերպով
մը
ընդարձակել
կ՚ըլլար
կոտորածին
հետեւանքը:
Այդ
նպատակով
պատրիարքը
թէ
գաւառական
վարչութեանց
արթնութիւնը
հրաւիրեց,
եւ
նոյն
իսկ
օտար
տեսչութեանց
հետ
բանակցելով,
եւ
ի
հարկին
դեսպանատուներուն
ալ
դիմելով,
հայ
լեզուի
եւ
հայ
կրօնքի
ուսուցիչներ
ընդունել
տալ
ջանաց
հայ
որբեր
խնամող
հաստատութեանց:
Այդ
մասին
պէտք
է
յիշենք
ի
պատիւ,
թէ
բողոքականներ
շուտով
կը
համակերպէին
եւ
կ՚ընդունէին
պատրիարքին
առաջարկները,
բայց
ոչ
նոյնպէս
կաթոլիկները,
եւ
յատկաբար
կրօնաւորական
միաբանութեանց
ձեռքով
կառավարուած
որբանոցները:
3005.
ՎԵՐԱՔՆՆՈՒԹԵԱՆ
ԽՆԴԻՐ
Զանց
ընելով
ուրիշ
վարչական
եւ
կրթական
եւ
մատակարարական
թէպէտ
կարեւոր
խնդիրներ,
քանի
մը
խօսք
աւելցնենք
սահմանադրութեան
վերաքննութեան
մասին:
Ըսինք
արդէն
թէ
Չամիչեան-Նուրեան
վարչութեան
առաջարկութեամբ,
կառավարութիւնը
պատրիարքական
ընտրութենէ
առաջ
կ՚ուզէր
ընել
զայն,
եւ
թէ
Տատեանի
միջամտութեամբ,
եւ
աստիճան
մը
երաշխաւորութեամբ
ընտրութենէն
ետքին
թողուած
էր,
եւ
այսպէս
ալ
երեսփոխանութենէ
ընդունուած
եւ
վաւերացուած
էր:
Ազգին
մէջ
ալ
կար
մաս
մը,
որ
սկիզբէն
ի
վեր
վերաքննութեան
պաշտպան
կանգնած
էր,
եւ
այս
պատեհը
յարմար
կը
կարծէր
նպատակին
հասնելու:
Օրմանեան,
առանց
սահմանադրական
սկզբունք
մերժելու,
1860-ի
եւ
1863-ի
սահմանադրական
ձեւերուն
համակիր
մը
չէր,
բայց
այս
անգամ
վերաքննութեան
ձեռնարկուելուն
համակերպող
չեղաւ,
ոչ
թէ
եղածը
յարգելուն
եւ
փոփոխութիւնը
կորուստ
կարծելուն,
այլ
իբրեւ
տիրող
դրութեան
աւանդապահ
իր
ձեռքով
զայն
վերջացուցած
չըսուելու,
եւ
ազգին
վնասակար
գործ
մը
ըրած
չկարծուելու
համար:
Օրմանեան
համոզուած
էր
թէ
կառավարութեան
պահանջածը
ոչ
թէ
վերաքննութեամբ
բարեփոխել
էր,
այլ
իրեն
դժպհի
երեւցած
սահմանադրութիւնը
խափանել,
սկզբունքն
ալ
միասին
ջնջել,
որով
ինչ
որ
ալ
ազգէն
առաջարկուէր,
կամ
ետ
պիտի
չի
դառնար,
կամ
թէ
անճանաչ
ըլլալու
չափ
խեղաթիւրուած
պիտի
ըլլար,
այն
ալ
շատ
երկար
պայմանաժամի
մէջ.
իսկ
միւս
կողմէ
եթէ
անգամ
մը
ազգին
կողմէն
նոր
առաջարկ
ներկայանար,
նովին
իսկ
ազգը
իւրովի
եղածէն
հրաժարած
պիտի
սեպուէր:
Օրմանեան
չէր
ուզեր
այդ
կեղտը
իր
վրան
առնել.
բայց
որովհետեւ
բան
մը
չընել
անհնար
էր,
խոստացուած
յանձնառութեանց
եւ
տրուած
որոշմանց
պատճառով,
ուստի
լոկ
վարչութեան
անդամներով
վերաքննիչ
յանձնաժողով
մը
կազմել
տուաւ,
ընդարձակ
ուսումնասիրութիւն
բացաւ,
առաջնորդներէ
եւ
փորձառու
անձերէ
կարծիքներ
ու
տեսութիւններ
ու
ծրագիրներ
ուզեց,
եւ
քանի
անգամ
որ
կառավարութենէ
տեղեկութիւն
կ՚ուզուէր,
ուսումնասիրութիւնները
կը
շարունակեն
եւ
չեն
աւարտած
պատասխանը
կու
տար,
եւ
այսպէս
կրցաւ
մինչեւ
երկու
տարի
գործը
երկարաձգել,
եւ
յանձնաժողովի
նիստերը
պատահաբար
ձգձգելով
եւ
գործը
եզրակացութեան
չհասցնելով.
թէպէտ
մասնաւոր
որոշումներ
եւ
յօդուածներու
վրայ
փոփոխութիւններ
կը
կատարուէին,
եւ
քարտուղարի
ձեռքով
պատճէններ
կը
պատրաստուէին
միշտ
նոր
դիտողութեանց
ենթարկելու
պայմանով:
Տատեան
եւ
Ասլանեան
ատենապետներ,
առաջինը
իբր
խոստումին
եւ
երաշխաւորութեան
տէր,
եւ
երկրորդը
իբր
վերաքննութեան
հնօրեայ
պաշտպաններուն
գլուխ,
մերթ
ընդ
մերթ
գործը
մղելու
առաջարկներ
կը
բերէին,
սակայն
ներքնապէս
անոնք
ալ
Օրմանեանի
տեսութեանց
համամիտ
էին
եւ
գործը
երկարելուն
կը
գործակցէին,
միշտ
գոնէ
եղածը
պահելու
եւ
իրենց
ձեռքով
բան
մը
վրայ
չտալու
նախանձաւորութեամբ:
Այդ
ընթացքով
Տատեան
իր
խոստումին
հանդէպ
արդարացած
եղաւ,
երեսփոխանութեան
որոշումն
ալ
անարգուած
չեղաւ,
եւ
գործը
երկարելով
եւ
յետաձգելով
մոռացութեան
տալու
եւ
մէկ
կողմ
թողլու
ձեւն
առաւ
(
ՕՄԱ.
31):
Ընթացքին
հետեւանքն
եղաւ,
որ
պատրիարքական
հրովարտակ
ստանալու
հետամտութիւն
չեղաւ,
եւ
Օրմանեան
մինչեւ
վերջը
առանց
անձնական
հրովարտակի
պաշտօն
վարեց,
հին
փառաւոր
հրովարտակ
մը
ի
տես
ցուցադրելով:
Պատճառը
սահմանադրութեան
խնդիրն
էր,
զի
տեղեկութիւն
առնուած
էր,
թէ
պատրաստուած
պատճէնին
մէջ
սահմանադրութեան
կէտը
զեղչուած
էր,
ուստի
այն
զեղչը
պաշտօնական
չդարձնելու
համար
հրովարտակը
չառնել
նախադասելի
սեպուեցաւ:
Արդէն
պատրիարքական
պաշտօնը
իր
աւանդական
ձեւն
ունէր:
Օրմանեան
ալ
ամէն
ձեւակերպութիւններով
պատրիարք
ճանչցուած
էր,
եւ
եթէ
երբեք
հրովարտակ
յիշել
հարկ
ըլլար,
պատրիարքական
հրովարտակներ
կը
յիշուէին
փոխանակ
հրովարտակս
ըսելու
(
ՕՄԱ.
32).
հակառակ
կողմէն
ալ
դիտողութիւն
ընող
չեղաւ,
եւ
այս
կերպով
վերաքննութեան
գործը
մինչեւ
1899
յետաձգուեցաւ,
երբ
անգամ
մըն
ալ
նորոգուեցաւ,
ինչպէս
իր
կարգին
պիտի
պատմենք:
3006.
ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Սահմանադրութեան
հանդէպ
յայտնուած
մտայնութիւնը
անոր
մասին
պետութեան
կողմէն
ցուցուած
հակառակութիւնը,
չէր
արգիլեր
սակայն
որ
Օրմանեանի
պատրիարքական
պաշտօնավարութիւնը
սահմանադրական
պահանջից
համաձայն
չըլլար:
Սահմանադրական
ձեւերուն
ու
պայմաններուն
մէջ
կա'ն
կէտեր,
որոնք
առտնին
կը
գործադրուին,
եւ
արտաքին
յարաբերութեանց
տեղ
չեն
տար.
կա'ն
ալ
կէտեր,
որ
հրապարակին
վրայ
կ՚երեւան
եւ
պետական
պաշտօնավարութեանց
մտադրութիւնը
կը
գրաւեն:
Առաջինները
անթերի
կատարուեցան,
երկրորդներուն
զգուշաւորութիւն
գործածուեցաւ.
բայց
բարեբախտաբար
այդ
վերջինները
քիչ
էին,
եւ
մէկէ
ու
երկուքէ
անդին
չէին
անցներ:
Առաջինն
ու
գլխաւորը
կեդրոնի
երեսփոխանութեան
գումարումներն
էին,
որ
բացարձակապէս
արգիլեալ
էին,
եւ
առանց
յատուկ
արտօնութեան
հնար
չէր
հրաւիրել,
եւ
այն
ալ
շատ
բացառիկ
կերպով
կը
ստացուէր,
ինչպէս
եղաւ
1894-ի
եւ
1896-ի
պատրիարքական
ընտրութեանց
համար:
Երկրորդն
էր
թաղական
ընտրելու
համար
քուէարկութիւնը,
որ
ներքին
շարժումներու
առիթ
կ՚ընծայէր,
եւ
նոյն
իսկ
թաղեցիներ
ալ
ձանձրութեանց
չմատնուելու
համար
քուէարկութենէ
կը
խուսափէին:
Առաջինին
պէտք
էր
անհրաժեշտաբար
համակերպիլ,
ինչպէս
նախորդներն
ալ
համակերպած
էին.
իսկ
երկրորդին
մասին
զգուշաւորութեամբ
վարուիլ,
պարագաները
զննելով
ու
հսկելով
արտօնել,
իսկ
պակասները
լրացնել
քաղաքականէ
անուանուած
առժամեայ
թաղականներով:
Այս
ձեւը
որուն
այս
անգամ
աւելի
ընդարձակ
տեղ
տրուեցաւ,
նախնի
ժամանակներուն
մէջ
ալ
անսովոր
չէր,
որ
է
ըսել
ըստ
ինքեան
սահմանադրութեան
հակառակ
չէր:
Իսկ
իրապէս
աւելի
ալ
օգտակար
կրնար
ըսուիլ:
Թէ'
սկզբունք
եւ
թէ'
փորձառութիւն
հաստատած
են
որ
մատակարարութեան
գլուխ
կեցողներ
պէտք
է
ընդունակութեամբ
եւ
համերաշխութեամբ
օժտուած
ըլլան,
որոնք
յառաջ
չեն
գար
ժողովրդական
ուղղակի
քուէարկութիւններէն,
որոնց
մէջ
շահ,
կիրք,
կուսակցութիւն
եւ
անձնականութիւն
մեծ
դեր
կը
խաղան.
իսկ
այս
անտեղութիւններ
նուազ
են
պաշտօնական
անուանումներու
մէջ,
գոնէ
մէկ
ուղղութեամբ
կազմուած
են.
իսկ
քուէով
ընտրուածները
աւելի
տեւական
եղած
են:
Դիտելու
կէտ
մըն
է
նաեւ
որ
բոլոր
սահմանադրական
օրէնսդրութեանց
մէջ
ընդունուած
չէ
մատակարար
մարմինները
ուղղակի
ժողովրդական
քուէով
ընտրել,
ինչ
որ
ազգային
սահմանադրութեան
տկար
կողմերէն
մէկն
է:
Ըստ
այսմ
աւելի
յաճախ
պաշտօնական
անուանումներով
առժամեայ
թաղականներ
առնուեցան,
թէպէտ
քուէարկութիւնը
իսպառ
չխափանուեցաւ,
եւ
յարմար
պարագաներուն
թոյլատրուեցան,
դժբախտաբար
առանց
օգուտ
մը
յառաջ
բերելու,
այլ
լոկ
օրէնքին
խափանուած
չըլլալը
զգացնելու
ծառայեց:
Իսկ
պատրիարքարանի
ներքին
տեսուչ
խորհուրդները
եւ
բոլոր
յանձնաժողովները
ըստ
օրինի
անուանուեցան
եւ
գործեցին,
բացառութիւն
ըլլալով
քանի
մը
հատերը,
այն
ալ
նախորդ
պատրիարքներու
ժամանակէն
մուծուած
կարգադրութեանց
շարունակութեամբ:
Ելեւմտից
հոգաբարձութիւնը
կանուխէն
ջնջուած
եւ
տեսչութեան
փոխուած
էր,
նոր
վարչութիւնը
հոգաբարձութեան
ձեւը
նորոգեց,
եւ
քանի
մը
անգամ
ընտրութիւններ
ըրաւ,
բայց
դժբախտաբար
դրամական
անձկութեան
պատճառով
յանձնառուներ
չգտնուեցան,
եւ
վերջիվերջոյ
վարչական
յանձնախումբի
մը
յանձնուեցաւ
պատրիարքի
նախագահութեամբ:
Կտակաց
եւ
վանօրէից
խորհուրդներ
հինէն
խափանուած
էին,
զի
վանքեր
մեծաւ
մասամբ
գաւառական
վարչութեանց
յանձնուած
էին,
եւ
կտակներն
ալ
նոր
խնդիրներ
չէին
ներկայեր.
այսու
հանդերձ
անոնց
գործերը
բաշխուեցան
եւ
վարչական
տեսակէտէն
կրօնականի
ու
հաշուական
տեսակէտէն
տնտեսականին
յանձնուեցան:
Բերայի
ու
Ղալաթիոյ
կալուածոց
հոգաբարձութիւնները
յատուկ
խնամակալութեանց
ձեռքը
թողուեցան,
ինչպէս
որ
15
տարիներէ
ի
վեր
կը
գործադրուէր,
եւ
այդ
կարգադրութիւնն
ալ
նոր
վարչութեան
վերագրելի
չէր:
Իսկ
գաւառներու
մէջ
ընտրութիւններ
ու
քուէարկութիւններ
եւ
ժողովներ
մտադրութիւն
չէին
հրաւիրեր,
որով
անարգել
հրահանգուեցան
եւ
գործադրուեցան
ընդհանուր
ժողովներու
ընտրութիւններ
ու
գումարումներ
եւ
գործողութիւններ,
առաջնորդաց
ընտրութիւններ
եւ
թաղականաց
կազմութիւններ
սահմանադրական
կանոններու
համաձայն:
Հետեւաբար
համարձակ
հնար
է
հաստատել
թէ
պատրիարքարանը
իւր
ներքին
ընթացքին
մէջ
փոփոխութիւն
չկրեց.
իսկ
արտաքին
գործողութեանց
պատկանեալ
պակասը
ոչ
շատ
էր
եւ
ոչ
մեծ
եղաւ
(
ՕՄԱ.
33-34):
Վարչական
ժողովներու
եւ
տեսուչ
խորհուրդներու
արձանագրութիւնները,
պաշտօնական
թղթակցութեանց
տոմարները,
եւ
կառավարութեան
մատուցուած
ծանուցագիրներն
ու
յիշատակագիրներու
պատճէնները
լիովին
կը
հաստատեն
այդ
կէտը:
Կեդրոնի
երեսփոխանական
ընդհանուր
ժողովներուն
մասին
ալ
աւելորդ
չսեպուի
յիշեցնել,
թէ
սահմանադրական
յօդուածով
անոր
նիստերը
երկտարեկան
ըսուած
են
(
ՍՀՄ.
40)
եւ
ոչ
երկշաբաթական:
Գործոց
ընթացքը
հանրութեան
գիտակցութենէ
չծածկելու
համար,
պատրիարքը
սովորութիւն
ըրած
էր
Ծնունդի
ու
Զատկի
շնորհաւորական
համախմբութիւնները
կատարեալ
համարատուութեան
վերածել,
յաջողն
ու
ձախողը
պատմելով
ընդարձակ
ատենաբանութեամբ:
3007.
ՄԻԱՑԵԱԼ
ՈՒ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ
Վերջին
տարիներու
խառնակ
եւ
շփոթ
կացութիւնը
իր
տխուր
ազդեցութիւնը
տարածած
էր
ազգային
հաստատութեանց
վրայ
ալ,
թէպէտ
ոչ
ամէնքը
միեւնոյն
պատճառով
եւ
միեւնոյն
կերպով:
Գաւառներու
կրթական
գործին
համար
աշխատող
ընկերութիւններ,
Միացեալը
մանչերու
եւ
Ազգանուէրը
աղջիկներու
ճիւղին,
իրենց
դպրոցները
կորուսած
էին
կոտորածներու
եւ
թալաններու
պատճառով,
եւ
պէտք
էր
ամենայն
ինչ
նորէն
հիմնել
եւ
կարգադրել.
սակայն
արգելք
կ՚ըլլար
պետական
հրամանը
որ
ընկերութեան
ձեւով
ոչ
մի
ձեռնարկ
չէր
ընդուներ
եւ
չէր
թոյլատրեր:
Հետեւաբար
հարկ
եղաւ
Միացեալի
գործունէութիւնը
վարող
ընկերական
տնօրէն
ժողովը
պաշտօնական
հոգաբարձութեան
վերածել
(97.
ՃԷՐ.
3767)
որչափ
ատեն
որ
կեդրոնին
մէջ
տրամադրելի
միջոցներ
կային:
Բայց
երբոր
անոնք
ալ
սպառեցան,
ուղղակի
նպաստից
ձեռնարկին
դպրոցական
ճիւղին
խառնուեցան,
ինչպէս
այս
մասին
Օրմանեանի
պատրիարքութեան
վերջը
պիտի
խօսինք
(§
3003):
Կեդրոնին
մէջ
յատուկ
մտադրութեան
արժանի
ձեռնարկը
Ղալաթիոյ
Կեդրոնական
Վարժարանն
էր,
որ
յատուկ
հալածանքի
առարկայ
եղած
էր,
իբրեւ
թէ
յեղափոխական
սկզբանց
եւ
գործունէութեան
օրրանն
եղած
ըլլար.
այդ
հաստատութիւնը
որ
1889-ին
հաւատարմութեան
դպրոց
անունով
ողջունուած
էր
կայսեր
կողմէ
եկող
թիկնապահապետ
զօրավարին
բերնով:
Այդ
կասկածին
տեղի
տուած
էին
աշակերտներէն
ոմանց
կասկածելի
խումբերու
պատկանիլը,
եւ
նախորդ
տեսուչ
Մինաս
Չերազի
Եւրոպա
քաշուիլը
եւ
լրագիր
հրատարակելը,
եւ
վերջին
տեսուչին`
Յարութիւն
Մոստիչեանի`
Իզմիրլեանի
գործակցած
ըլլալը:
Վարժարանը
գոցուած
էր,
խնամակալներէն
բանտարկուածներ
կային,
որոնք
թէպէտ
ներումով
արձակուեցան,
սակայն
գործի
չդարձան:
Այսուհանդերձ
վարժարանը
փակելու
հրաման
եղած
չէր,
եւ
ազգային
կեդրոնական
մը
ունենալու
առաւելութիւնը
ձեռքէ
հանելու
չէր.
ուստի
նոր
վարչութիւնն
ու
իր
նախագահը
ամէն
ջանք
ըրին
որ
խնամակալութիւն
մը
հաստատուի
եւ
վարժարանը
բացուի
որեւէ
կերպով
ալ
ըլլայ,
բաւական
էր
որ
գոյութիւնը
դադարած
չըսուի:
Այսպէս
պահուեցաւ
Կեդրոնականի
գոյութիւնը,
եւ
յաջորդաբար
կատարելագործումը
եւ
զարգացումը
ստացաւ
նախնականին
համահաւասար
կերպով:
3008.
ԴՊՐԵՎԱՆՔ
ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԱԼ
Աւելի
վտանգուած
էր
Արմաշու
Դպրեվանքը,
որուն
նիւթական
միջոցներն
ալ
իսպառ
պակսած
էին,
եւ
Օրմանեանի
ու
Դուրեանի
հեռանալով
եւ
հրաժարելով
ամբողջ
կազմն
ալ
լուծուած
էր:
Թերեւս
ուրիշ
պատրիարքի
ձեռքին
տակ
Դպրեվանքը
բոլորովին
փակուէր,
սակայն
Օրմանեան
պատրիարքի
նուիրական
պարտք
էր
Դպրեվանքը
վերակենդանացնել:
Իրեն
մեկնած
պահուն
փոխանորդութեան
պաշտօնը
յանձնած
էր
Արմաշու
հին
միաբաններէն
Մամբրէ
վարդապետ
Նալպանտեանի,
իսկ
մնացած
աշակերտներուն
տեսչութիւնը
նորահասներէն
Զաւէն
վարդապետ
Տէր-Եղիայեանի,
եւ
անոր
ալ
Կ.
Պոլիս
գալուն
առթիւ`
Աղան
վարդապետ
Համամճեանի:
Սակայն
ասոնցմով
հնար
չէր
Դպրեվանքի
կազմը
վերանորոգել,
եւ
Դուրեանն
էր
միակ
անձը,
որուն
հնար
ըլլար
գործը
վստահիլ:
Սակայն
նա
ալ
վարանոտ
էր
ապագային
վրայօք
եւ
թերահաւատ`
կարեւոր
միջոցներուն
մասին:
Օրմանեանի
հարկ
եղաւ
ամէն
միջոցներով
ազդել
նորա
վրայ
եւ
ամէն
կերպով
ապահովել
կենցաղական
միջոցներուն
հայթայթումը,
մինչեւ
որ
յաջողեցաւ
համոզել,
կրօնական
ժողովոյ
ատենադպրութենէն
չհրաժարելով
Արմաշ
երթալ
1897
Զատկին,
վերատեսչութեան
պաշտօնով,
իսկ
սեպտեմբերին
փոխվանահայրութիւնն
ալ
աւելցնելով,
իրեն
կատարեալ
յաջորդ
ընել,
որով
սեպտեմբեր
24-ին
Արմաշու
առաջնորդական
աթոռը
բազմեցաւ
(97.
ՃԷՐ.
3722):
Միակ
տարբերութիւնն
այն
էր
որ
մինչ
առաջին
պատրիարքներ
Դպրեվանքի
վանահայրութիւնը
իբր
պատուոյ
տիտղոս
կը
պահէին
եւ
ամենայն
ինչ
փոխ
վանահօր
գործունէութեան
յանձնուած
էր,
Օրմանեանի
հարկ
եղաւ
իբր
վանահայր
հեռուէն
ալ
գործել,
պատշաճը
հրահանգել,
խնդիրները
լուծել,
միջադէպները
հարթել,
եւ
գլխաւորապէս
նիւթական
միջոցներ
հայթայթել
եւ
յղել:
Այս
նպատակով
20
որբերու
դասարան
մըն
ալ
բացուեցաւ
Դպրեվանքին
մէջ,
որոնք
ընտրուեցան
Կ.
Պոլիս
բերուածներուն
ուշիմներէն,
եւ
նպաստից
սնտուկէն
ալ
լիովին
նպաստներ
որոշուեցան,
տիպար
որբանոց
մը
կազմելու
նպատակով:
Իր
պաշտօնին
պահանջներուն
եւ
իր
անձնական
արդիւնաւորութեան
հիմամբ,
միւս
տարին
1898
հոկտեմբեր
25-ին,
Եղիշէ
Դուրեան`
եպիսկոպոսութեան
ալ
բարձրացաւ
Դպրեվանքի
անունով,
եւ
վերանորոգեալ
Դպրեվանքը
հետզհետէ
նոր
ընթացաւարտներ
ընծայեց,
որոնցմէ
վեցը
1898
օգոստոս
30-ին
Կ.
Պոլիս
գալով
սարկաւագութեան
աստիճան
ստացան
պատրիարքին
ձեռնադրութեամբ:
Առաջին
հասնողներէն
մեծ
վիճակներու
մէջ
փոխանորդներ
դնելու
գաղափարը
(§
3004)
ընթացք
չունեցաւ,
զի
նոյն
իսկ
նշանակեալ
առաջնորդներ
չուզեցին
փոխանորդներ
ունենալ,
զորս
թերեւս
իրենցմէ
աւելի
զարգացեալ
կը
նկատէին.
ուստի
որոշուեցաւ
պարբերաբար
պատրիարքարանի
մէջ
գործածել
զանոնք
անձնական
քարտուղարի
պաշտօնով,
եւ
պահ
մը
վարչական
գործող
ընթացքին
ընտելանալէն
ետքը
վիճակներու
իբր
տեղապահ
ղրկել,
եւ
մինչեւ
իսկ
կարեւորագոյն
վիճակներ,
Կարին,
Տրապիզոն,
Մուշ,
Արաբկիր,
Շապին,
Ճանիկ,
վստահօրէն
անոնց
յանձնուեցան,
եւ
տեղապահութեամբ
գացողներ
պաշտօնին
մէջ
յաջողելով,
շուտով
առաջնորդ
ընտրուեցան:
Պաշտօնավարութեան
ելլալնուն
առթիւ
առաջին
վեցերուն
Ծայրագոյն
Վարդապետութեան
աստիճան
ալ
տրուեցաւ
1897
սեպտեմբեր
21-ին
(97.
ՃԷՐ.
3710),
իսկ
երկրորդ
դասարանի
նորընծաներն
ալ,
Սարկաւագ
Վարդապետի,
Ներսէս
Շնորհալիի,
Յովհաննէս
Երզնկացիի,
Գրիգոր
Մագիստրոսի
եւ
Սիւնեաց
Դպրոցի
մատենագրութեանց
վրայ
իրենց
աւարտաճառերը
լրացնելով
(97.
ԱՐՐ.
527)
հետզհետէ
վարդապետութեան
աստիճան
ստացան
եւ
պաշտօններու
անցան:
Հիներու
կողմէ
ցուցուած
դժկամակութեան
հանդէպ
իսկապէս
գնահատելի
եւ
օրինակելի
եղաւ
դպրեվանքցի
վարդապետներուն
գաւառական
պաշտօններու
նուիրուած
յօժարակամ
եւ
անձնուէր
եւ
արդիւնաւոր
աշխատութիւնը:
Անցողակի
յիշատակենք
թէ
Օրմանեանի
Արմաշի
մէջ
ձեռնադրած
եօթներուն
(§
2990)
եւ
չորսերուն
(§
2996)
երկուք
ալ
աւելցան
Դպրեվանքի
աշակերտներէն,
զորս
Կ.
Պոլսոյ
մէջ
ձեռնադրեց
1897
յունուար
19-ին
եւ
սեպտեմբեր
28-ին
Գնէլ
եւ
Տիրայր
անուններով,
եւ
Մկրտիչ
մըն
ալ
քահանայութեան
մէջ
այրիանալով`
վեղար
ստացաւ
իբրեւ
Դպրեվանքի
աշակերտ:
Այս
14-երուն
յաջորդները
Դուրեան
եպիսկոպոսէ
ձեռնադրուեցան
իրենց
կարգին:
3009.
ԱՐՏԱՍԱՀՄԱՆԻ
ԳԱՂՈՒԹՆԵՐ
Պարագայ
մը
եւս
յիշենք,
որ
իր
պարզութեան
մէջ
ժամանակին
հանգամանքը
եւ
վարչութեան
հոգին
լաւ
կը
պատկերացնէ:
Բաւական
ժամանակէ
ի
վեր
հայ
առեւտրականներ
սկսած
էին
հաստատուիլ
Եւրոպիոյ
զանազան
կեդրոնները,
Մանչեսթըր,
Փարիզ,
Մարսիլիա,
Անվերս,
եւս
եւ
հիւսիսային
Ամերիկոյ
քաղաքները,
որոնք
ընդհանրապէս
Տաճկահայեր
էին
եւ
անոնց
հոգեւոր
պէտքերը
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքարանին
կողմէն
կը
հոգացուէին,
եւ
արտասահմանի
գաղութներ
Կ.
Պոլսոյ
թեմեր
կը
նկատուէին,
որոնց
մէջ
հայ
եկեղեցիներ
ալ
սկսած
էին
շինուիլ,
ինչպէս
Անգղիոյ
Մանչեսթըր,
Ամերիկոյ
Ուսթըր
եւ
Գաղղիոյ
Փարիզ,
եւ
ուրիշ
քաղաքներ:
Այս
գաղութներ
որ
առաջ
լոկ
խոհական
վաճառականներէ
կը
կազմուէին,
վերջին
շփոթութեանց
պատճառով
հետզհետէ
բազմամարդացած
էին
տաճկահայ
փախստականներով,
կուսակցական
գործիչներով
եւ
արկածախնդիր
պանդուխտներով,
եւս
եւ
ռուսահայ
նմանիներով:
Արդէն
կուսակցական
կեդրոններն
ալ
Եւրոպիոյ
մէջ
էին
եւ
հոն
կը
հրատարակուէին
շարժումներ
գրգռող
եւ
միտքեր
յուզող
պարբերականներ,
որոնք
բնական
էր
որ
օսմանեան
արքունիքին
մտադրութիւնը
հրաւիրէին
իրենց
վրայ,
եւ
խափանելու
համար
մինչեւ
իսկ
պետական
նպաստներով
խրատատու
պատուիրակներ
եւ
շահելու
աշխատողներ
ղրկուեցան
Կ.
Պոլիսէ,
թէպէտ
բնաւ
արդիւնաւորութիւն
եւ
յաջողութիւն
չունեցան:
Նոր
վարչութեան
գործի
գլուխ
անցած
ատենը
այդ
կացութիւնը
բուռն
ու
սաստիկ
աստիճանի
հասած
էր,
ինչպէս
հնար
է
քաղել
կոտորածներու
եւ
զանոնք
գրգռողներու
մասին
տրուած
համառօտ
տեղեկութիւններէն:
Արքունիքը
քաջալերուած
վարչութեան
խոհական
ընթացքէն`
սկսաւ
անկէ
պահանջել,
որ
կուսակցական
կեդրոնները
խափանէ,
գործիչները
շահի
կամ
զսպէ,
մէկ
խօսքով
անհետ
ընէ
ազգին
մէջ
մուծուած
եւ
արտասահմանէ
եկած
շարժումի
հոգին:
Օրմանեան
գործին
անհնարութեանը
գիտակ`
ջանաց
միշտ
իրմէ
հեռացնել
այդպիսի
յանձնառութիւն
մը,
թէպէտեւ
Տատեան
ատենապետ
մինչեւ
աստիճան
մը
միտեալ
էր
յանձնառու
ըլլալ,
եթէ
արքունիքէն
դրամական
միջոցներ
եւ
շնորհներու
խոստումներ
առատապէս
ապահովուէին:
Այդ
կէտին
վրայ
Օրմանեան
եւ
Տատեան
համամիտ
չկրցան
ըլլալ,
զի
պատահական
պարգեւներէ
օգտուելու
միտքը
չկրցաւ
ներգործել
Օրմանեանի
վրայ:
Օրմանեան
միանգամ
ընդմիշտ
գործը
վրայէն
նետելու
եւ
պատասխանատուութենէ
զերծ
մնալու
համար
սկսաւ
պատասխանել
թէ
ինքն
Թուրքիոյ
պատրիարք
ըլլալով`
արտասահմանի
վրայ
ներգործելու
եւ
ազդելու
միջոցներ
չունէր:
Ըստ
այսմ
ալ
կանխած
եւ
Խրիմեան
կաթողիկոսի
հաղորդած
էր,
թէ
որչափ
ալ
մինչեւ
վերջի
ատեններ
Եւրոպիոյ
եւ
Ամերիկոյ
նոր
գաղութներուն
հոգերը
Կ.
Պոլսոյ
աթոռէն
նայուած
էր,
սակայն
պատահական
եւ
առժամեայ
եղած
էր,
երբ
գործը
կարեւորութիւն
ալ
չունէր:
Բայց
քանի
որ
գաղութները
աճած
են,
եւ
Եւրոպա
ու
Ամերիկա
առանձինն
առաջնորդութիւններ
ըլլալու
կարեւորութիւնն
ստացած
են,
այլեւս
Մայրաթոռոյ
կը
պատկանի
անոնց
հոգը
ստանձնել,
զի
իր
աթոռին
իրաւասութիւնը
Թուրքիոյ
երկիրներով
սահմանափակուած
է,
եւ
անկէ
դուրս
չի
կրնար
օրինաւորապէս
իրաւունք
գործածել:
Խրիմեան
կաթողիկոս
անհակառակ
հաճեցաւ
այդ
առաջարկութեան
եւ
իսկոյն
Եւրոպիոյ
եւ
Ամերիկոյ
առաջնորդութիւնները
նուիրագործեց,
եւ
Օրմանեան
այլեւս
ազատ
մնաց
Եւրոպիոյ
եւ
Ամերիկոյ
գործերուն
եւ
շարժումներուն
եւ
կուսակցութեանց
վրայ
հակակշիռ
գործածելէ
կամ
պատասխանատուութիւն
ունենալէ,
եւ
այս
եղաւ
մինչեւ
վերջ
իր
պատասխանն
ու
չքմեղանքը
որեւէ
առաջարկի
կամ
մեղադրանքի
մասին,
որ
արքունեաց
կողմէն
իրեն
կը
հաղորդուէր:
Խրիմեան
կաթողիկոս
իրեն
եղած
առաջարկը
ընդարձակելով
Ռումինիոյ
եւ
Պուլկարիոյ
վիճակներն
ալ
ուղղակի
իր
իրաւասութեան
ներքեւ
անցնելու
սկսաւ,
որոնք
հին
ատեններէն
Կ.
Պոլսոյ
կապուած
էին,
եւ
Կ.
Պոլսոյ
45
վիճակներուն
մէջ
կը
հաշուուէին:
Այս
երկիրներէ
դուրս
կար
Սուչավայի
թեմը,
Աւստրիոյ
Պուքովինա
նահանգին
մէջ,
որ
դիւրաւ
թողուեցաւ
Եւրոպիոյ
նորահաստատ
առաջնորդութեան,
ինչ
որ
հնար
չէր
ընել
Պուլկարիոյ
համար,
եւ
զայն
Թուրքիայէ
զատել,
իբր
զի
օսմանեան
գերիշխանութեան
ներքեւ
կը
մնար,
եւ
Կ.
Պոլսոյ
աթոռին
անկէ
ձեռք
քաշելը
քաղաքագիտական
նշանակութիւն
կ՚առնէր:
Ուստի
ըստ
այսմ
լուր
տրուեցաւ
Մայրաթոռոյ,
եւ
նա
ալ
ներկայացուած
տեսութիւնը
յարգելով
Պուլկարիայէ
ձեռք
քաշեց:
Ռումանիոյ
մասին
լուր
առնուեցաւ
թէ
տեղական
կառավարութիւնը
չէր
ուզած
ճանչնալ
Էջմիածինէ
յղուած
փոխանորդը,
ուստի
հարկ
եղաւ
Կ.
Պոլսոյ
դեսպանատան
հետ
բանակցութեան
մտնել
եւ
բացատրել
թէ
ի'նչպէս
Ռումանիոյ
անկախ
պետութիւն
հռչակուելովը
եւ
Թուրքիայէ
զատուելովը
Ռումանիոյ
հայեր
ուղղակի
Էջմիածինէ
իրաւասութեան
անցած
կը
նկատուին:
Դեսպանը
հարկ
սեպեց
իր
նախարարութեան
դիմել
եւ
տրուած
բացատրութիւնները
հաղորդել,
սակայն
ռումանական
կառավարութիւնը
չուզեց
ընդունիլ
Էջմիածնի
իրաւասութիւնը,
ռուսական
միջամտութեան
առթիւ
նկատելով,
եւ
պատասխանեց
թէ
կը
սիրէ
հին
կապերն
ու
սովորութիւնները
պահել
իրեն
հպատակ
Հայոց
համար:
Ըստ
այսմ
ալ
Մայրաթոռոյ
ծանուցուեցաւ
եւ
Ռումանիա
կապուած
մնաց
Կ.
Պոլսոյ
աթոռին:
Իսկ
Եւրոպիոյ
առաջնորդութեան
մնացին
Անգղիա,
Գաղղիա,
Բեղգիա,
Հելուետիա,
Աւստրիա,
ուր
հայ
գաղութներ
կային,
եւ
պատահաբար
եթէ
ուրիշ
տէրութեանց
մէջ
ալ
Հայեր
գտնուին:
Առաջնորդանիստ
ճանչցուեցաւ
Փարիզ.
իսկ
Ամերիկոյ
համար
Ուսթըր
առաջնորդանիստ,
եւ
Միացեալ
Նահանգաց
կամ
Միացեալ
պետութեան
հիւսիսային
երկիրները
իբրեւ
սահման
իրաւասութեան,
եւ
պատահաբար
Հարաւային
Ամերիկոյ
հանրապետութիւններն
ալ:
3010.
ՄԵՐ
ՀԱՐՑ
ԴԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Անգամ
մը
ակնարկեցինք
թէ
կարօտներու
եւ
որբերու
համար
կաթոլիկներէ
ընձեռուած
նպաստները,
իբր
խայծ
կը
ծառայէին
կրօնական
որսորդութեան
տարածելու:
Ինչ
որ
առաջ
քօղարկեալ
եւ
վարպետ
կերպով
կը
գործուէր,
հետզհետէ
սկսաւ
համարձակ
ընդարձակուիլ
եւ
գրեթէ
պաշտօնապէս
հաց
ջամբած
ատեննին`
փոխարէն
պահանջեցին
անոնց
լոյս
հաւատքը,
եւ
դրամ
տուած
ատեննին
եկեղեցին
փոխել
պայման
դրին,
եւ
այնչափ
ալ
յառաջեցին
որ
ուր
հաւատացեալք
այդ
պայմանը
չգործադրեն,
սկսան
նաեւ
դատաստանաւ
եւ
բռնի
յետս
առնուլ
տուած
ողորմութիւննին
(
ԴՒՆ.
2):
Այս
գործը
աւելի
աչքառու
դարձաւ
Վանայ
մէջ,
ուր
մաս
մը
ժողովուրդ
ալ
յայտնապէս
կաթոլիկ
եղաւ
Կլորթաղի
մէջ,
Լիմայ
միաբան
Յակոբ
Սարգիսեան
վարդապետի
մը
գլխաւորութեամբ:
Երբ
այդ
իրողութիւնները
բաւական
զրոյցներու
պատճառ
եղան,
յանկարծ
իբրեւ
դարման
եւ
արդարացում
փոքրիկ
տետրակ
մը
հրատարակուեցաւ
հռոմէականներու
կողմէն
1899
տարւոյ
մարտին
սկիզբը,
Մեր
Սուրբ
Հարց
դաւանութիւնը
անունով,
միակ
նպատակ
ունենալով
պապական
դրութիւնը
պաշտպանել,
եւ
Աւետարանէն
եւ
հայ
սուրբ
հայրերու
դիրքերէն
քաղուած
վկայութիւններով
հաստատել,
թէ
Հայ
Եկեղեցին
պապութիւնը
ճանչցած
է,
եւ
Գրիգոր
Լուսաւորչէն
սկսեալ
մինչեւ
Ներսէս
Լամբրոնացի
ամէնն
ալ
հռոմէական
եւ
հռոմէադաւան
եղած
են,
եւ
թէ
հայերն
ալ
երբ
հռոմէականութիւն
կ
՚
ընդունին
անոնց
հետեւած
կ
՚
ըլլան
(
ԴՒՆ.
2):
Տետրակին
հեղինակ
կը
զրուցուէր
Աշճեան
Մկրտիչ
վարդապետը,
սակայն
հաւանակագոյն
էր
որ
նոյն
իսկ
Ստեփանոս
Ազարեան
կաթողիկոս-պատրիարքնին
եղած
ըլլար
բուն
հեղինակը,
գոնէ
ծրագիրը
տուողը,
որ
քիչ
ետքը
յանկարծ
հիւանդացաւ
եւ
ապրիլ
19-ին
մեռաւ:
Պատրիարքի
եւ
մանաւանդ
Օրմանեան
պատրիարքի
անհնար
էր
լուռ
մնալ
Հայ
Եկեղեցւոյ
դէմ
եղած
անպատկառ
անարգանքին
դիմաց,
ուստի
անգամ
մը
Բերայի
մէջ
ոգեւորեալ
քարոզ
մը
խօսեցաւ
Հայ
Եկեղեցւոյ
վարդապետութիւնը
բացատրելով,
եւ
մարտ
10-ին
կոնդակ
մըն
ալ
հրատարակեց,
որուն
մէջ
ընդհանուր
գիծերով
կը
հերքէր
Մեր
Սուրբ
Հարց
դաւանութեան
մասին
հրատարակուած
սխալ
ու
մոլար
տեսութիւնները,
կը
զգուշացնէր
ժողովուրդը
օտարներու
խաբէութենէն
եւ
չարաշահ
ընթացքէն,
եւ
կը
յանձնարարէր
ամէն
աստիճանէ
պաշտօնէից
արթնութեամբ
հսկել
ժողովուրդին
վրայ:
Իր
նպատակն
էր
յատուկ
հրատարակութեամբ
մըն
ալ
մի
առ
մի
հերքել
հռոմէականաց
տետրակին
անխիղճ
աղաւաղումները
եւ
մտացածին
մեկնութիւնները:
Սակայն
երբոր
կ՚ուզէր
տպագրել
տալ
պատրաստուած
պրակը,
գրաքննութիւնը
չէր
ներեր,
արգելքը
արդարացնելով,
թէ
անմտադրութեամբ
մը
արտօնուեր
է
առաջին
տետրակը,
եւ
եթէ
պատասխանն
ալ
արտօնուի
երկու
հասարակութեանց
մէջ
խնդիրը
պիտի
երկարաձգուի
եւ
հակառակութիւն
ու
գժտութիւն
պիտի
աճի:
Բայց
պէտք
չէ
մոռնալ
որ
գրաքննութեան
պաշտօնեաներէն
մէկն
ալ
Աշճեան
վարդապետի
եղբայրը
Միքայէլ
Աշճեանն
էր:
Իսկ
Օրմանեան
որ
չէր
ուզեր
տեղի
տալ
եւ
յարձակման
դիմաց
լռելու
ստիպուած
կարծուիլ,
ուստի
օգուտ
քաղեց
պաշտօնական
կոնդակներու
առանց
գրաքննութեան
հրատարակուելու
թոյլտուութենէն,
եւ
տպուելիք
բացատրական
պրակը
կոնդակի
ձեւի
վերածեց,
եւ
մանր
գիրով
ու
սեղմ
շարուածքով
մեծ
լրագրի
մը
չորս
երեսներուն
տարածութեամբ
եւ
գրքոյկի
մը
պարունակութեամբ
կոնդակ
մը
հրատարակեց
1899
մայիս
24-ին,
եւ
մայրաքաղաք
ու
գաւառներ
ցրուեց:
Այս
կոնդակով
նախապէս
կը
նշաւակէ
ողորմութեան
ձեւի
ներքեւ
դաւանակից
որսալու
անհաճ
ձեռնարկը
(
ԴՒՆ.
1-2),
ընդարձակօրէն
կը
բացատրէ
Պետրոսի
մասին
հռոմէականներուն
յառաջ
բերած
Աւետարանէ
վկայութիւնները
(
ԴՒՆ.
3-5),
կը
հերքէ
Լուսաւորչի
Հռոմ
երթալուն,
Սեղբեստրոսէ
աստիճան
եւ
շնորհ
ընդունելուն,
եւ
Դաշանց
թուղթին
զրոյցները
(
ԴՒՆ.
5-7)
եւ
կարգաւ
կը
բացատրէ
Ներսէս
Մեծէ,
Սահակ
Պարթեւէ,
Մեսրոպ
Վարդապետէ,
Եղիշէէ,
Խորենացիէ,
Մանդակունիէ
եւ
շարականներէ
առնուած
կտորները
(
ԴՒՆ.
7-10),
նմանապէս
Անձեւացիէ,
Նարեկացիէ,
Շնորհալիէ
եւ
Լամբրոնացիէ
քաղուած
վկայութիւնները
(
ԴՒՆ.
10-11),
ուղիղ
իմաստին
բերելով,
եւ
ընդհանուր
տեսութեամբ
մը
կը
փակէ
(
ԴՒՆ.
12):
Ալ
անկէ
ետքը
հռոմէականներու
կողմէ
դիմադարձ
հրատարակութիւններ
չեղան
եւ
միջադէպը
փակուեցաւ,
հարկաւ
Ազարեանի
մահն
ալ
իր
դերը
ունեցաւ
այս
պարագային
մէջ:
3011.
ՆԵՐՔԻՆ
ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒԹԻՒՆՔ
Ներքին
կարգադրութեանց
մասին
ալ
անտարբեր
չէր
կրնար
մնալ
Օրմանեան,
որ
անդստին
մանկութենէն
ամէն
բան
կարգով
ու
կանոնով
գործելու
վարժութիւնն
ունէր:
Առաջին
գործերէն
մին
եղաւ
դիւանական
ձեւերը
որոշ
գիծերու
վրայ
հաստատել,
զորս
պահ
մը
բերանացի
աւանդելէ
ետքը,
1899
մայիս
1-ին
գրաւոր
հրահանգի
վերածեց:
Դիւանի
գործերը
ինը
ուրոյն
ճիւղերու
բաշխուեցան,
1.
Վարչական,
2.
Յարաբերական,
3.
Կրօնական,
4.
Արձանագրութեան,
5.
Ազգահամարի,
6.
Ելեւմտից,
7.
Գործակատարութեան,
8.
Փոխանորդարանի
եւ
9.
Անձնական
դիւաններու
անուններով,
որոնց
գործառնութիւնները
իրենց
կոչումներէն
կը
յայտնուին:
Առաջին
երկուքին
դիւանապետներ
նշանակուեցան
Բարթող
Թելեան
եւ
Կարապետ
Խաչատուրեան,
փորձառու
պաշտօնեաներ.
խառն
եւ
քաղաքական
ժողովներու
ատենագրութիւնները
եւ
պաշտօնագիրները
վարչականին
սեփականուեցան,
տեսուչ
խորհուրդներուն
գործերն
ալ
նոյն
դիւանին
մէջ
ամփոփուեցան,
դիւանապետներէն
յատուկ
քարտուղարներ
նշանակելով:
Իսկ
տաճկերէն
յիշատակագիրներ
եւ
ծանուցագիրներ
յարաբերականին
յանձնուեցան:
Միւս
չորս
ճիւղերուն
գլուխը
դիւանական
տեսուչներ
դրուեցան,
Խորէն
քահանայ
Փէհլիվանեան,
Մկրտիչ
Մելիքեան,
Սեպուհ
Բոլատեան
եւ
Միհրան
Չօպանեան,
վերջինը
այս
առթիւ
ելեւմտից
տեսուչի
պաշտօնը
թողլով
ելեւմտից
հոգաբարձութեան
վերահաստատութեամբը:
Գործակատարութեան
դիւանը
կը
կազմուէր
գործակատարով
եւ
օգնականով,
առձեռն
տեղեկագիրներու
համար.
փոխանորդարանի
դիւանին
միացաւ
դատաստանական
խորհուրդը,
իսկ
անձնական
դիւանի
մէջ
դրուեցան
Դպրեվանքի
շրջանաւարտները
պաշտօնական
գործոց
ընթացքին
ընտելանալու
համար,
եւ
առձեռն
գրութիւնները
պատրաստելու,
եւ
միւս
դիւաններու,
յատկապէս
կրօնականի
օժանդակելու
պաշտօնով:
Իւրաքանչիւր
դիւանի
դիւանապետներ
եւ
գրագիրներ
յատկացուեցան
գործերու
պահանջին
չափով:
Մեծ
մտադրութիւն
դարձուեցաւ
հասած
թուղթերը
արձանագրելու
եւ
պահելու,
եւ
յատուկ
տոմարներ
տպագրուեցան
պատրիարքին
կողմանէ
կազմուած
գործնական
ձեւով,
իւրաքանչիւր
թուղթի
վրայ
նմանօրինակ
պիտակ
մը
դնելով,
իսկ
գացած
գիրերը
արձանագրել
վարչական
դիւանին
յանձնուեցաւ
առաքմանց
հոգածութեամբ:
Դիւանի
կանոնաւորութեան
ոչ
միայն
անձամբ
կը
հսկէր
պատրիարքը,
այլեւ
կարեւոր
խնդիրներուն
գիրերը
ինքն
կը
խմբագրէր:
Դիւանական
հրահանգին
երկրորդ
մաս
մըն
ալ
աւելցաւ
թղթակցութեանց
հրահանգ
անունով,
եւ
ամէն
պաշտօնատուն
եւ
վիճակ
եւ
վանք
եւ
թաղ
հաղորդուեցաւ,
թէ
ի'նչ
ոճով
եւ
ի'նչ
պարունակութեամբ
պիտի
պատրաստուին
պատրիարքարան
ուղղուելիք
գիրերը,
որոնք
սովորաբար
պատրիարքին
գովաբանութիւններով,
երկար
ողբերով
եւ
անօգուտ
երկարաբանութիւններով
կը
լեցուէին,
իսկ
իրողութեան
իսկութիւնը
բացատրող
պարագաներ
զանց
կ՚ըլլային:
Օրմանեան
եկեղեցական
բարեկարգութեան
քանի
մը
հրահանգներ
անունի
ներքեւ
կուսակրօն
եկեղեցականութեան
համար
30
եւ
մայրաքաղաքի
ամուսնացեալ
եկեղեցականութեան
համար
50
յօդուածներով
ծրագիր
մըն
ալ
պատրաստեց,
եւ
իբր
ձեռագիր
տպագրել
տալով
ուզեց
որ
խառն
ժողովով
ալ
հաստատուի.
բայց
երբ
նկատեց
որ
անձնական
տեսակէտներ
վիճաբանութիւնները
կ՚ընդարձակեն,
լաւագոյն
սեպեց
վաւերացումը
զանց
ընել,
եւ
միայն
իբրեւ
գործնական
ուղղութիւն
իրեն
պահեց
առաջարկուած
սկզբունքներն
ու
պայմանները:
Բարեկարգութեանց
առարկայ
եղան
նաեւ
դպրաց
դասերը,
որոնց
հնագոյններն
են
Մայրեկեղեցւոյ
1719-ին,
Սամաթիոյ
1720-ին,
եւ
Պալաթին
1740-ին
հաստատուածները:
Օրմանեան
նորեր
ալ
կազմելու
աշխատեցաւ,
եւ
հետզհետէ
երեւան
եկան
Նառլըգաբուի,
Մաքրիքէօյի,
Կէտիկ-Փաշայի,
Գումգաբուի-Դրսի,
եւ
հետզհետէ
Բերայի
եւ
Պէշիկթաշի
եւ
Ղալաթիոյ
դպրաց
դասերը:
Ասոնք
շատցնելու
մէջ
ոչ
միայն
կը
տիրէր
եկեղեցական
պաշտամանց
կարգադրութիւնն
ու
պայծառացումը,
այլեւ
ընկերակցական
դրութեան
օգուտը
չկորսնցնելը.
զի
թէպէտ
ընկերութիւններ
արգիլուած
էին,
բայց
դպրաց
դասերը
եկեղեցիներու
հովանաւորութեան
ներքեւ
դիտողութենէ
զերծ
կը
մնային:
Երբոր
ասոնք
բաւական
թիւով
շատցան
եւ
գործը
ընդարձակուիլ
սկսաւ,
տեսնալով
որ
հիներուն
կանոնագիրները
սահմանադրական
ձեւերու
համաձայն
չեն,
եւ
նորերուն
գրուածները
առժամեայ
են,
հարկ
եղաւ
կանոնագիրները
համերաշխ
եւ
միօրինակ
ձեւի
վերածել.
ուստի
Օրմանեան
ընդհանուր
կանոնագիր
մը
ուսումնասիրեց
1903
տարւոյ
վերջերը,
որ
կրօնական
ժողովով
ալ
վաւերացուեցաւ
1904
փետրուար
3-ին,
եւ
գործադրութեան
հրամայուեցաւ
փետրուար
5-ին:
Կանոնագիրը
70
յօդուածներէ
կը
բաղկանայ,
կազմութիւն,
վարչութիւն,
մատակարարութիւն,
պարտաւորութիւնք,
երգեցողութիւն,
ժողովներ,
հանդէսներ,
եւ
նոր
կազմակերպութիւններ
գլուխներու
բաժնուած:
Դպրաց
դասերուն
շատնալուն
արդիւնքը
զգալի
եղաւ
եկեղեցական
հանդէսներու
պայծառութեամբ
եւ
ժողովրդական
եկեղեցասիրութեան
աճելով:
Յատուկ
մտադրութիւն
դարձուեցաւ
եղանակներու
ընտրութեան,
կամայական
ծեքծեքմանց
դադարման,
ձայնանիշներու
կիրառութեան,
եւ
եռաձայն
ու
քառաձայն
ոճերու
հետեւողութեան.
դպրութեան
պատիւն
ալ
հետզհետէ
բարձրացաւ,
եւ
Կարապետ
Պաղտատլեան
հինաւուրց
եւ
արդիւնաշատ
դպրապետին
յուղարկաւորութիւնը
առիթ
ընծայեց
յատուկ
հանդէս
մը
կազմակերպելու
Պալաթու
Ս.
Հրեշտակապետ
եկեղեցին
1903
հոկտեմբեր
5-ին,
ուր
բոլոր
դպրաց
դասերէ
100-ի
չափ
դպիրներ
համախմբուեցան
եւ
երգեցին,
եւ
Օրմանեան
ինքն
նախագահեց
եւ
դպրաց
պաշտօնը
բարձրացնող
դամբանական
խօսեցաւ
(03.
ԲԻԶ.
2146):
Յիշենք
նաեւ
իբրեւ
բարեկարգական
յիշատակ
հարսանեաց
կոնդակին
նոր
խմբագրութիւնը
1901
մայիս
1-ին,
նշանադրութեան
եւ
պսակադրութեան
եւ
հարսանեաց
պարագաները
կանոնաւորելու
նպատակով
եւ
գործնական
հրահանգներով,
որոնց
գլխաւորն
եղաւ
տուներու
մէջ
պսակադրութիւնը
արգիլել
եւ
եկեղեցւոյ
մէջ
կատարելը
պարտաւորիչ
ընել,
որով
շատ
մը
անվայել
անկարգութեանց
առջեւն
առնել:
Այդ
արգելքը
յատկապէս
հռչակուեցաւ
1902-ի
պատրիարքական
կոնդակով:
3012.
ԼԱՀԷԻ
ՀԵՌԱԳԻՐԸ
Ժամանակներու
կապակցութիւնը
առիթ
կ՚ընծայէ
մեզ
խօսիլ
մասնաւոր
հեռագիրի
մը
վրայ,
որ
թէպէտ
ըստ
ինքեան
մեծ
կարեւորութիւն
ունեցող
պարագայ
մը
չըլլայ,
սակայն
վերջէն
տրուած
նշանակութիւնը
կը
յորդորէ
այժմէն
եղելութիւնը
պատմել:
Ռուսաց
կայսրը
գեղեցիկ
խորհուրդ
մը
յղեցաւ.
պատերազմներու
աղէտը
խափանել,
եւ
այս
նպատակով
բոլոր
պետութեանց
դիմեց
եւ
համահաճութիւն
կազմեց
դեսպանախորհուրդ
մը
կատարել,
որուն
տեղ
որոշուեցաւ
Հոլանտիոյ
կամ
Ստորին
Նահանգաց
թագաւորանիստ
Լահէյ
մայրաքաղաքը:
Դեսպանախորհուրդը
միակ
նիւթ
պիտի
ունենար
պատերազմները
խափանելու
միջոցներուն
վրայ
խորհիլ
եւ
խորհրդակցիլ,
առաջարկներ
կազմել
եւ
որոշում
կայացնելու
դիւրութիւն
ընծայել.
բացարձակ
կերպով
պայմանաւորուած
էր
իւրաքանչիւր
պետութեան
ներքին
գործերը
կամ
մասնաւոր
խնդիրները
ոչ
առաջարկի
եւ
ոչ
վիճաբանութեան
նիւթ
ընել:
Գրեթէ
աշխարհի
բոլոր
պետութիւնները
ներկայացուցիչներ
յղեցին,
օսմանեան
պետութիւնն
ալ
մասնակցեցաւ
յատկապէս
շեշտելով
որ
իր
ներքին
գործերը
նիւթ
պիտի
չըլլան:
Այդ
պարագաները
հրատարակուած
եւ
հրապարակուած
ըլլալով
միատեղ`
հայ
կուսակցական
կեդրոններ
որոշեցին
հայկական
խնդիրը
դեսպանախորհուրդին
առջեւ
հանել
եւ
նպաստաւոր
որոշում
եւ
լուծում
ստանալ,
եւ
այս
դիտմամբ
պատրաստութիւններ
եւ
շարժումներ
սկսան
կազմակերպել
Եւրոպիոյ
եւ
Ամերիկոյ
զանազան
քաղաքաց
մէջ:
Լուրերը
Կ.
Պոլիս
ալ
հասան
եւ
1899
ապրիլ
14-ին,
կառավարութեան
կողմէ
յատուկ
ազդարարութիւն
եղաւ
պատրիարքին
զգուշանալ
եւ
ժողովուրդը
զգուշացնել:
Պատրիարքը,
գործերուն
ընթացքին
եւ
եղելութեանց
եւ
տեղեկութեանց
հետեւող`
վստահեցուց
թէ
մեր
մէջ
այդպիսի
շարժումներ
տեղի
չեն
ունենար,
միայն
թէ
արտասահմանի
մէջ
եղածներուն
երաշխաւոր
չի
կրնար
ըլլալ,
քանի
որ
իր
իրաւասութենէն
դուրս
կը
գտնուին:
Կառավարութիւնը
այս
բացատրութեանց
վրայ
նորէն
Հայոց
մասին
գործածուած
բացառիկ
խստութիւնները
ծանրացուց,
նպատակ
ունենալով
արտաքիններուն
հետ
յարաբերութիւնները
արգիլել,
միանգամայն
աւելի
սաստիկ
միջոցներու
սպառնալիքներ
ալ
աւելցնել
(
ՕՄԱ.
124):
Մինչ
այս
բանակցութիւնները
կը
շարունակէին,
ապրիլ
25-ին
լսուեցաւ
թէ
Պուլկարիոյ
մէջ
շարժումներ
կը
յառաջեն,
որոնց
մասին
հնար
չէր
արտասահմանի
համար
տրուած
չքմեղանքները
կրկնել,
քանի
որ
Պուլկարիա
Թուրքիոյ
գերիշխանութեան
ներքեւ
էր,
եւ
Թուրքիոյ
պատրիարքութեան
իրաւասութեան
ալ
ենթարկուած
էր
(§
3009):
Դժուար
էր
հրահանգներ
յղել
Պուլկարիա,
որոնց
արդիւնք
ունենալն
ալ
յուսալի
չէր,
եւ
դատապարտելու
ձեւով
յայտարարութիւնն
ալ
վտանգէ
զերծ
չէր,
եւ
խոհականութիւնը
չէր
ներեր
այդ
միջոցին
դիմել:
Միւս
կողմէն
միեւնոյն
ատեն
վարչութիւնը
նորոգելու
դիմումներ
կ՚ըլլային,
ինչպէս
ստորեւ
պիտի
տեսնենք,
եւ
խնդիրները
կնճռոտել
ի
դէպ
չէր:
Ուստի
անուղղակի
եւ
կցկտուր
կերպով
ժամանակ
վաստկելու
ջանքեր
կը
շարունակէին,
երբ
մայիս
7-ին
լուր
առնուեցաւ
թէ
Պուլկարիոյ
Հայեր
համախումբ
ժողով
կազմելով
հայկական
խնդիրը
դեսպանախորհուրդին
ներկայելու
համար
իրենց
կողմէն
պատուիրակ
ընտրեր
են
Փարիզ
գտնուող
Մինաս
Չերազ
գրագէտ
խմբագիրը,
եւ
նա
ալ
յանձն
առեր
է
դիմումը
կատարել:
Լուրը
արքունեաց
մէջ
ալ
ըսուած
ըլլալով,
պատրիարքի
վրայ
ստիպումներ
եւ
սպառնալիքներ
սաստկացան
Պուլկարահայոց
գործը
տկարացնելու,
անոնց
դիմումը
ջրելու
եւ
Տաճկահայոց
գոհունակութիւնը
վկայելու,
որոնցմէ
դարձեալ
պատրիարքը
կ՚աշխատէր
ճողոպրիլ
միջանկեալ
խնդիրներով
եւ
խորհելու
յետաձգումներով
(
ՕՄԱ.
125):
Թերեւս
Չերազ
ալ
վերջին
պահուն
ետ
կենար
ձեռնարկէ
մը,
որուն
առանց
հետեւանաց
մնալը
իրեն
անծանօթ
պէտք
չէր
ըլլար,
մօտէն
տեղեակ
ըլլալով
դեսպանախորհուրդին
նպատակին
եւ
պայմաններուն:
Հակառակ
այդ
ակնկալութեանց
Չերազի
Լահէյ
եկած
ըլլալուն
լուրը
հասաւ:
Կ.
Պոլսոյ
մէջ
ալ
խօսքեր
տարածուեցան,
որոնք
գործեր
կարծուելով,
խստութիւններ
սաստկացնելու
պատճառ
նկատուեցան:
Պատրիարքի
ժամավաճառութեան
եւ
ձգձգման
միջոցներն
ալ
տակաւ
կարճցան.
որոշման
մը
յանգելու,
քայլ
մը
առնելու
հարկը
անհրաժեշտ
դարձաւ,
բայց
ոչ
հնար
էր
Տաճկահայոց
կացութիւնը
յայտնել,
եւ
ոչ
ալ
պաշտօնապէս
ստել.
հնար
ալ
չէր
Պուլկարահայերը
մեղադրել
եւ
ոչ
ալ
ուղղակի
իրենց
հետ
յարաբերութեան
մտնել,
զի
ամենէն
անմեղ
բացատրութիւնն
ալ
կրնար
գործին
իսկութեան
հերքում
կամ
մերժում
մեկնուիլ:
Օրմանեան
բռնադատուած
էր
որեւէ
յայտարարութիւն
մը
ընելով
կայսերական
ցասումը
չիջուցանել,
ինչպէս
ստիպուած
էր
որեւէ
հակառակ
յայտարարութիւն
չընել,
որ
ոչ
միայն
կացութեան
իսկութիւնը
ուրացած
չըլլար,
այլեւ
ինքն
իրեն
շարունակեալ
գանգատներուն
եւ
նոյն
օրեր
իսկ
ուղղած
բողոքներուն
հակասած
չըլլար:
Իր
մտադրութիւնն
էր
ուղղակի
դեսպանախորհուրդին
անորոշ
հեռագիր
մը
ուղղել,
երբ
մայիս
12-ին
կանուխ
հեղինակաւոր
աղբիւրէ
լուր
առաւ
թէ
Չերազ
10-ին
դիմած
էր
դեսպանախորհուրդին
եւ
չէր
ընդունուած
(
ՕՄԱ.
125):
Պատեհը
կորսնցնելու
չէր,
իսկոյն
խորհրդակցութեան
մտաւ
քաղաքական
ժողովոյ
անդամներէն
եւ
անգամ
չեղողներէն
ոմանց
հետ
(
ՕՄԱ.
304),
եւ
փոխադարձ
հաւանութեամբ
գաղղիերէն
հեռագիր
մը
խմբագրուեցաւ,
որուն
իմաստն
էր,
թէ
պաշտօնական
կերպարան
չենք
ճանչնար
այն
անձանց
վրայ,
որոնք
լրագիրներու
գրածին
համեմատ
դեսպանախորհուրդիդ
կը
դիմեն
հայ
ազգին
անունով,
եւ
անոնց
դիմելն
ալ
չենք
ճանչնար
(
ՕՄԱ.
312):
Արդ,
Չերազ
երկուշաբթի
օր
դեսպանախորհուրդին
դիմելով,
չորեքշաբթի
առտու
12-ին
պատասխան
էր
առած
թէ
իր
դիմումը
դեսպանախորհուրդին
նպատակէն
դուրս
եւ
պայմաններուն
հակառակ
ըլլալուն
նկատի
չէր
կրնար
առնուիլ
(
ՕՄԱ.
313):
Իսկ
Օրմանեանի
հեռագիրը
նոյն
չորեքշաբթի
օր
մայիս
12-ին
կէսօրէն,
2.
18
ժամ
ետքը
Բերայի
հեռագրատունը
ներկայացուած
ըլլալուն
(
ՕՄԱ.
311),
եւ
հեռագիրներուն
կարգին
եւ
գրաքննական
թոյլտուութեան
պատճառներով
հազիւ
թէ
12-է
13
գիշերուան
մէջ
կրնար
Լահէյ
հասած
ըլլալ,
որով
ինքնին
կը
հերքուէր
վերջին
յուզուած
խնդիրը,
իբր
թէ
Օրմանեանի
հեռագիրը
Չերազի
մերժուելուն
եւ
հայկական
խնդիրին
չնայուելուն
պատճառ
եղած
ըլլայ.
թո'ղ
որ
դեսպանախորհուրդին
էական
պայմաններէն
էր
պատերազմի
խնդիրէն
զատ
ուրիշ
խնդիր
նկատի
չառնելը,
ինչպէս
չնայուեցաւ
ամերիկաբնակ
Հրէից
իրենց
ռուսաբնակ
համազգիներուն
համար
կատարած
դիմումն
ալ
(
ՕՄԱ.
312):
Իսկ
Օրմանեանի
ժողովէն
առաջ
12-ին
ստիպողաբար
տուած
հեռագիրը,
14-ին
ուրբաթի
ժողովին
մէջ
վարչութեան
հաղորդուեցաւ
եւ
լիագոյն
հաւանութեամբ
ընդունուեցաւ,
թէպէտ
ատենագրութեան
չանցաւ,
ինչպէս
սովորութիւն
էր
այդպիսի
փափուկ
խնդիրները
եւ
յարաբերական
դարձուածները
ատենագրութեան
չանցունել
եւ
հրապարակ
չհանել
(
ՕՄԱ.
297):
3013.
ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Նոր
վարչութեան
սկզբնական
շրջանի
հանգրուան
նշանակեցինք
1897
օգոստոս
6-ը
(§
3002),
անկէ
մինչեւ
1899
օգոստոս
նոր
շրջան
մը
եւս
կրնանք
զատել,
որուն
մէջ
պատրիարքը
վարչութեան
համերաշխ
համաձայնութեամբ
հարկ
դատեց
աւելի
ճշդել
ազգին
պէտքերը
եւ
աւելի
շեշտել
գոհացում
տալու
հարկը:
Արկածալից
ռումբին
միջադէպը
գէշ
աղէկ
փակուած
էր
առանց
նոր
աղէտից
առիթ
ընծայելու,
եւ
կայսրը
իր
մեղմացեալ
քաղաքականութեան
փոխարէն
կը
պահանջէր
արտասահմանի
շարժումները
եւ
գործիչները
լռեցնել
եւ
Տաճկահայոց
մէջ
սպրդելնին
արգիլել:
Պատրիարքը
արտասահմանի
գաղութներուն
վրայ
իրաւասութիւն
չունենալը
պնդելով
մէկտեղ
(§
3009),
կը
յիշեցնէր
թէ
ինքն
իր
կողմէն
խրատէ
եւ
աղօթքէ
զատ
ուրիշ
միջոց
չունի,
մինչ
արտասահման
եղողներ
ոչ
խրատը
կը
լսեն
եւ
ոչ
աղօթքը
կ՚ընդունին,
եւ
թէ
միակ
համոզիչ
միջոց
կրնայ
ըլլալ
եթէ
փորձով
տեսնուի
որ
իր
ազդեցութիւնը
ոյժ
մը
ունի
կառավարութեան
առջեւ
եւ
իր
առաջարկները
կը
յարգուին
կայսեր
կողմէն,
զի
ասով
միայն
հնար
էր
վստահութիւն
ներշնչել
իր
խոստումներուն
եւ
համակերպութիւն
յուսալ
իր
հրահանգներուն:
Այդ
նպատակով
սկսաւ
աւելի
մանրամասնօրէն
բացատրել
արգիլուելիք
անտեղութիւնները
եւ
հաստատուելիք
բարեկարգութիւնները,
որպէսզի
հնար
ըլլար
անցած
աղէտները
մոռացնել
եւ
ապագայ
բարօրութիւնը
յուսադրել:
Այս
պէտքերը
հետզհետէ
ներկայացուեցան
յատուկ
յիշատակագիրներով,
եւ
ինչ
ինչ
կարգադրութիւններ
ալ
հրամայուեցան,
ինչպէս
քանդուած
եկեղեցիներու
համար
վերաշինութիւնները
որոշող
խառն
անդամներով
յանձնաժողովներ
կազմելու
հրամանը,
եւ
գաւառներէ
երթեւեկներու
մասնաւոր
դիւրութիւններ.
սակայն
ասոնք
ոչ
կացութիւնը
կը
փոխարկէին,
եւ
ոչ
անկեղծ
եւ
լիագոյն
գործադրութեամբ
կը
պսակուէին:
Այսուհանդերձ
վարչութիւնը
չէր
ուզեր
խիստ
ձեւեր
գործածել
իր
սահմանադրական
երկու
տարիի
պաշտօնավարութիւնը
չլրացուցած,
որ
1896
նոյեմբերէն
սկսելով
1898
նոյեմբերին,
պիտի
լրանար.
այլ
յարմարագոյն
սեպուեցաւ
սահմանադրութեան
ճշդած
ապրիլի
վերջը
պայմանաժամն
ալ
յարգելով
(
ՍՀՄ.
24
եւ
27),
երկամեայն
մինչեւ
1899
ապրիլ
30-ը
երկարել
(
ՕՄԱ.
34).
ուստի
մինչեւ
այն
ատեն
նոր
քայլ
ընել
հարկ
չտեսնուեցաւ
(
ՕՄԱ.
65).
բայց
նախապատրաստութիւններն
ալ
զանց
չընելու
համար
1897
դեկտեմբեր
23-ին
պատրիարքը
ընդարձակ
յիշատակագիր
մը
ներկայեց
կայսեր,
որուն
մէջ
16
որոշ
հատուածներով
կը
բացատրուէին
կատարուած
անտեղութիւնները
եւ
Հայոց
հանդէպ
գործածուած
բացառիկ
կարգադրութիւնները
(97.
ՄՇԿ.
153),
իբրեւ
ամփոփումն
նախընթացաբար
եղած
դիմումներուն,
որ
պիտի
ծառայէր
իբրեւ
լիակատար
յայտագիր
փոխադարձ
յարաբերութիւններու
ծրագիրին:
Բնական
էր
որ
այդպիսի
բազմամասնեայ
առաջարկ
մը
իսկոյն
եւ
լիագոյն
լուծում
գտնել
չկարենար,
ուստի
պատրիարք
եւ
վարչութիւն
շարունակեցին
խստիւ
չպնդել
լարը
որ
չբեկանի,
եւ
գործին
հետեւիլ
հանդարտօրէն,
զի
1898
փետրուարի
մէջ
16
կէտերէն
քանի
մը
հատին
գոհացում
կը
լսուէր,
ներքին
երթեւեկի
դիւրութիւն,
զինուորական
տուրքերու
երկամեայ
ներում,
կարօտութեանց
օգնելու
համարձակութիւն,
եւ
դպրոցներ
բանալու
արտօնութիւն
(98.
ԱՐՐ.
88):
Այդ
դիմացէ
դիմաց
ձգձգեալ
վիճակը
տեւեց
տակաւին
մինչեւ
երկամեայ
պաշտօնավարութեան
լրումը,
երբ
իբրեւ
թէ
կանոնական
գործի
մը
համար
յատուկ
արտօնութեան
պէտք
չըլլար,
1899
ապրիլի
սկիզբը
պատրիարքը
իբր
պարզ
լուր
կը
հաղորդէր
թէ
մօտ
օրէն
Ընդհանուր
ժողով
պիտի
գումարուի
վարչական
նոր
ընտրութեանց
համար:
Սակայն
կառավարութիւնը
իսկոյն
փութաց
ազդարարել
թէ
տրուած
խոստումին
համաձայն
պէտք
է
որ
գտնուող
վարչութիւնը
նախապէս
սահմանադրութեան
վերաքննութիւնը
եւ
փոփոխութիւնը
լրացնէ,
եւ
ապա
ըստ
այնմ
նոր
ընտրութիւն
կատարուի,
եւ
թէ
այժմեան
վարչութիւնը
պարտաւոր
է
մինչեւ
իւր
գործին
լրումը
պաշտօնը
շարունակել
(
ՕՄԱ.
36):
Վարչութեան
առջեւ
երեք
եղանակներ
կային
այդ
հրամանին
հանդէպ,
կամ
անմիջապէս
վերաքննութիւնը
լրացնել,
կամ
անպայման
ժամանակով
պաշտօնավարութիւնը
շարունակել,
եւ
կամ
պաշտօնը
լքանելով
գործէ
քաշուիլ:
Լուրջ
նկատողութեան
եւ
հասուն
խորհրդակցութեան
նիւթ
եղաւ
խնդիրը
եւ
վարչութիւնը
քանիցս
գումարումներ
ունեցաւ
այդ
մասին:
Վարչութիւնը
դիտեց
թէ
վերաքննութիւն
կատարելը
միանգամ
ընդմիշտ
վտանգաւոր
դատուած
եւ
կողմ
թողուած
էր
(§
3005),
պաշտօնը
լքանել
եւ
քաշուիլն
ալ
ազգին
դէմ
դաւաճանութիւն
պիտի
ըլլար.
պատրիարքն
ալ
բոլոր
ոյժովը
դէմ
կը
դնէր
երկու
ենթադրութեանց,
որով
կը
մնար
երկրորդ
կերպը,
այսինքն
պաշտօնը
շարունակել,
եւ
այս
կ՚ըլլար
միաձայնութեամբ
տրուած
որոշումը,
չպատասխանելով
պետական
պաշտօնագիրին,
գրաւորապէս
յանձնառութիւն
եւ
միտք
չյայտնելով,
եւ
լոկ
գործնականապէս
որոշումը
իրականացնելով:
Այդ
ընթացքը
թերեւս
ոմանց
աչքին
վարչութեան
կողմէն
պաշտօնի
վրայ
մնալու
բաղձանք
մեկնուի.
սակայն
կացութիւնը
անկողմնակալ
կերպով
ողջամիտ
դատողներ
շուտով
պէտք
է
համոզուին,
թէ
վարչութեան
դիրքը
ոչ
պատիւի
ու
շահի
եւ
ոչ
ազդեցութեան
ու
իշխանութեան
կողմէն
փափաքելի
եւ
հաճելի
կողմ
մը
չունէր,
որ
ժողովականները
զայն
պահելու
հրապուրուէին,
ընդհակառակն
շարունակ
ծանրատաղտուկ
բեռի
մը
տակ
մնալու
վիճակն
էր
որ
իրենց
կը
սպասէր,
անհնարութեան
կերպարան
առած
գործի
մը
ներքեւ
ճնշելու,
ոչ
կայսրը
ողոքել,
ոչ
ազգը
հաճեցնել,
ոչ
կացութիւնը
բարւոքել,
եւ
ոչ
խեղճութիւնը
դադրեցնել,
եւ
անհնարինին
դէմ
սրտմաշուք
կրել
շարունակել:
Եւ
ոչ
ալ
հնար
է
մտածել
թէ
պատրիարքը
նորերէն
խիթալով
հիները
պահելու
հետեւած
ըլլայ,
զի
փորձով
հաստատուած
բան
մըն
է,
թէ
աւելի
դիւրին
է
նորերու
հետ
գործել
քան
հիներու
հետ
մաքառիլ,
աւելի
դիւրին
է
անվարժներ
գործածել
քան
վարժուածները
կառավարել.
արդէն
սահմանադրութեան
օրինագրած
անմիջական
անվերընտրելիութեան
պայմանն
ալ
պարզապէս
վարչական
ժողովներու
ոյժը
բեկանելու
համար
գրուած
է
(
ՕՄԱ.
33-34):
3014.
ՀՐԱԺԱՐԵԼՈՒ
ՓԱՍՏԸ
Ժողովականաց
փոփոխութեան
արգելքը,
կացութեան
նորստացիկ
կերպարանը,
եւ
տիրող
անտեղութեանց
տեւողութիւնը,
վրայիվրայ
բարդուելով
այնչափ
ծանրացան
որ
պատրիարքը
ստիպեցին
բուռն
միջոցներ
ձեռք
առնել
գոնէ
դիրքը
տանելի
ձեւի
մը
հասցնելու
համար:
Հայոց
համար
ստեղծուած
բացառիկ
կարգադրութեանց
ջնջումն
էր
ընդհանուր
անունով
պահանջուածը.
զի
Հայեր
տէրութեան
օրէնքներէն
դուրս
դիրքի
մը
ենթարկուած
էին,
եւ
իրենց
համար
արգիլուած
էին
այն
ամէն
դիւրութիւնները
որ
բոլոր
իսլամ
եւ
ոչ-իսլամ
հպատակներու
բաց
էին:
Հայեր
ընկճուած
էին
այն
ամէն
դժուարութեանց
ներքեւ
որոնցմէ
բոլոր
իսլամ
եւ
ոչ-իսլամ
հպատակներ
ազատ
էին:
Խնդիրը
այս
հիմամբ
բանակցութեանց
նիւթ
դարձած
էր
1899
ապրիլէն
ի
վեր,
եւ
պատրիարքն
ալ
տակաւին
յուսադրական
խոստումներու
ելքին
կը
սպասէր.
բայց
ամիսներ
կ՚անցնէին
եւ
լուծմանց
կամ
բարւոքմանց
նշոյլը
չէր
տեսնուէր:
Վերջապէս
1899
օգոստոս
4-ին
խիստ
պաշտօնագիր
մը
ներկայացուց
կայսեր,
որ
կայսեր
կողմանէ
նկատողութեան
եւ
հոգածութեան
առարկայ
եղաւ,
որով
քանի
մը
օրեր
եւս
տեւեցին
ձգձգեալ
բանակցութիւնները,
բայց
վերջապէս
օգոստոս
25-ին
խառն
ժողովի
գումարման
մէջ
պատրիարք
գործէ
քաշուելու
միտքը
յայտնեց:
Լուրն
իսկ
ազդեցութիւն
ըրած
ըլլալու
նշան
տուաւ.
զի
Թուրխան
եւ
Տատեան
եւ
Թէվֆիք
փաշաներէ
յանձնաժողով
մը
կազմուած
ըլլալը
լսուեցաւ,
Հայոց
պատրիարքին
բողոքները
եւ
գործը
կարգադրելու
պաշտօնով:
Այդ
լուրը
նոյն
ինքն
Տատեան
սեպտեմբեր
1-ին
նիստին
մէջ
ժողովին
հաղորդեց,
բայց
պատրիարքը
պատրիարքարան
իջնելը
դադրեցուց`
նոր
որոշման
ելքը
տեսնելու
սպասելով:
Ամիսի
մօտ
տեւեց
այդ
ձեւն
ալ.
ժողովականներ
եւ
ոչ-ժողովականներ
ստիպողաբար
պատրիարքի
կը
յանձնարարէին
քաշել
բայց
չփրցնել,
սպասել
եւ
չշտապել.
սակայն
ակնկալեալ
ելքը
կը
յապաղէր,
թէպէտ
երեք
փաշաներու
գումարումները
կը
լսուէին:
Առկախ
վիճակը
ալ
աւելի
եւս
երկարել
վայել
չէր,
ուստի
սեպտեմբեր
24-ին
պատրիարք
իր
հրաժարականը
կը
յղէր
նախարարութեան
եւ
կը
հաղորդէր
արքունեաց
եւ
վարչութեան:
Բացարձակ
կերպով
եւ
անձնական
պատճառանքով
հրաժարական
մը
չէր
տուածը,
այլ
կացութեան
անտանելի
ըլլալուն,
եւ
այդ
կացութեան
մէջ
պաշտօնավարել
անհնար
դառնալուն
հիմամբ
հեռանալ
էր.
եթէ
կացութիւնը
չփոխուէր,
յայտարարելով
միանգամայն
որ
եթէ
բոլոր
Հայեր
յանցաւոր,
յանցաւորներու
գլուխ
մնալու
չստիպեն
զինքն.
իսկ
եթէ
բոլոր
Հայեր
յանցաւոր
չեն,
յանցաւորներու
պատկանեալ
վարմունքը
ընդհանուրին
վրայէն
վերցուին:
Հրաժարագիրը
ետ
բերուեցաւ
24-ին.
25-ին
յատուկ
պատգամաւոր
մը
եկաւ
արքունեաց
կողմէն,
բայց
Օրմանեան
միտքը
չփոխեց,
28-ին
Թուրխան
ու
Տատեան
ու
Թէվֆիք
ու
Ռըտվան
ու
Շէֆիք
փաշաներու
նոր
խորհրդակցութիւն
տեղի
ունեցաւ,
29-ին
51
բանտարկեալներ
արձակուեցան,
ոստիկանապետ
Շէֆիք
ներքին
երթեւեկի
դիւրութեանց
հրահանգներ
տուաւ,
կրօնական
նախարարութիւնը
եկեղեցիներու
շինութեանց
հրամաններ
արձակեց,
Հայերուն
զանազան
գործառնութիւններու
արգելքին
հրամանը
դադրեցաւ,
եւ
թէպէտ
Օրմանեան
աւելի
կատարեալ
ելքի
մը
յանգելու
համար
իր
որոշումը
կը
յապաղէր,
սակայն
խառն
ժողովոյ
հոկտեմբեր
6-ին
գոհացուցիչ
բաւարարութիւն
գտած
ըլլալու
որոշումը
կու
տար,
աւելի
եւս
պնդելը
լարը
փրցնել
կը
դատէր,
եւ
պատրիարքն
ալ
համակերպիլ
կը
ստիպուէր,
եւ
հոկտեմբեր
9-ին
յանձն
կ՚առնէր
պատրիարքարան
երթալ
առանց
ուրիշ
ձեւակերպութեան
(
ՕՄԱ.
67-68),
իբր
քառասնօրեայ
բացակայութենէ
ետքը,
որ
միջոցին
սակայն
գործերը
բարձիթողի
չէր
ըրած
եւ
բերանացի
հրահանգներով
պատշաճը
գործադրել
կու
տար
պատրիարքական
փոխանորդ
Գաբրիէլ
Ճէվահիրճեան
եպիսկոպոսի
ձեռքով
եւ
անունով:
Այս
առաջին
անգամն
էր
որ
Օրմանեան
հրաժարելու
փաստը
կը
գործածէր,
ոչ
ապարդիւն
եւ
ոչ
կատարելապէս
գոհացուցիչ
կերպով:
Հրաժարելու
փաստը
իր
տեսութեամբ
անմիջապէս
պարագայի
մը
հանդէպ
իբր
դեղթափ
կրնար
գործածուիլ,
եւ
ոչ
թէ
հիմնապէս
կացութիւնը
փոփոխելու
կրնար
ծառայել,
որ
միայն
իշխանաւորին
միտքին
վրայ
ներգործելով
կրնար
ստացուիլ:
Ուրիշ
անգամներ
ալ
պիտի
տեսնենք
զինքն
այդ
փաստին
դիմելու
հարկադրուած,
բայց
միշտ
ամփոփ
եւ
պատահական
նպատակի
մը
սահմանին
մէջ.
իսկ
բոլորովին
գործէ
ձեռնթափ
ըլլալու
միտքը
երբեք
չունեցաւ,
զի
պաշտօնէն
խուսափելը
իբրեւ
դասալքութիւն,
եւ
պաշտօնին
հաւատարիմ
մնալը
իբր
առաքելական
պատգամ
կը
ճանչնար
(
ՕՄԱ.
64),
առանց
պաշտօնի
սիրահար
մը
ըլլալու,
զոր
միշտ
իբր
ապաշնորհ
զբաղանք
կը
նկատէր,
բեռ
կրելու
եւ
ոչ
բերկրելու
պատճառ: