2723.
ԱՌԱՋԱՐԿՈՒԹԻՒՆՔ
ՆԶՈՎՔՆԵՐՈՒ
ԴԷՄ
Սարգիս
պատրիարքի
հրաժարելով
եւ
սահմանադրութեան
կիրառութիւնը
արգիլուելով,
Ընդհանուր
ժողովը
գործէ
դադրելով
եւ
պատրիարքարանը
առժամեայ
վարչութեան
յանձնուելով,
Երուսաղէմի
ընտրութեան
խնդիրը
անպայման
ժամանակով
յետաձգուած
կ՚ըլլար,
որով
եւ
ներսէն-դուրսէն
խնդիրը
պաշտօնական
շրջանակներու
մէջ
այլ
եւս
գոյութիւն
չէր
կրնար
ունենալ,
զի
ընտրող
ժողովն
իսկ
գոյութենէ
դադրած
էր:
Բայց
երբ
պաշտօնական
շրջանակները
չէին
կրնար
այդ
խնդիրով
զբաղիլ,
այս
ըսել
չէր
որ
հրապարակը
անով
չզբաղէր,
մանաւանդ
որ
խնդիրին
ամենայետին
կերպաւորութիւնէն
մին,
Կարապետ
կաթողիկոսէ
նզովքի
ներքեւ
հռչակուած
կանոնները,
այսինքն
Երուսաղէմի
եւ
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքութիւնները
մէկ
անձի
վրայ
չմիացնելը
եւ
ոչ-միաբանի
մը
պատրիարք
չընտրուիլը,
իբրեւ
անգոյ
մի
կանոն,
մանաւանդ
թէ
իբրեւ
խաբէութեամբ
ստեղծուած
կանոն
հռչակուիլ
սկսած
էր,
եւ
այս
կէտը
պնդողներ
կը
գտնուէին
Մատթէոս
կաթողիկոսի
պաշտօնական
հաստատութեան
եւ
վերանորոգման
կոնդակին
հակառակ
ալ
(§
2720):
Այդ
կարծիքը
մէջտեղ
նետողը
Չիլինկիրեան
Յակոբոս
վարդապետն
էր
իրեն
ընկերակից
ունենալով
Թադէոս
Միհրդատեան
հրապարակագիրը,
եւ
ժամանակին
լրագիրներէն
ալ
դուրսէնական
դրութեան
պաշտպանները
ինքզինքնին
զօրացած
կը
կարծէին
անոնց
խօսքովը
եւ
անոնց
արձագանգ
կու
տային:
Չիլինկիրեանը
կանուխէն
ներկայացուցած
ենք
իբրեւ
անհանդարտ
բնաւորութեան
եւ
անուղիղ
ընթացքի
տէր
մէկ
մը
(§
2650):
Յովհաննէս
պատրիարքի
հրամանով
պաշտօնէն
զրկուելէն
ետքը
նա
Յոպպէ
քաշուած
էր
եւ
հոն
կը
մնար
մինչեւ
անոր
մահը,
միշտ
շարունակելով
իր
անտեղի
գործերը:
Այս
պատճառով
միաբանութիւնը
հարկ
սեպեց
զայն
իրմէ
դուրս
հանել,
եւ
միաբան
լրութեամբ
կազմեց
մերժման
յայտարարեալ
ծանօթութիւնը
1861
յունուար
24
թուականով,
որուն
մէջ
իբր
պատճառ
կը
յիշուին,
թէ
յամենայն
ժամ
չդադարի
մատնել
զեկեղեցին
Աստուծոյ
դիւրամէտ
կրից
իւրոց,
թէ
իբրեւ
զելուզակ
կամ
Վասակ
մատնիչ
գոլ
քրտնի,
թէ
ունի
զարուեստակեալ
կնիք
գերազօր
տէրութեան
Պրուսայի,
որով
զնենգեալ
գործս
իւր
յառաջ
մղել,
թէ
իրեն
մօտ
գտնուած
են
յափշտակեալ
ինչք
վանուցս
եւ
թէ
կրնան
ապացուցանել
զայս
ամենայն
եւ
առաւել
քան
զայս,
ուստի
թէպէտ
եւ
ներողութիւն
սրբազան
պատրիարքաց
յամենայն
պարագայս
հայրական
գթով
կը
վարուէր
անոր
հետ
վասն
ուղղութեան,
բայց
իրենք
այլ
եւս
չեն
կրնար
տոկալ,
եւ
այս
պատճառով
կը
յաւելուն
իսպառ
հերքել
ի
միաբան
լրութենէս
մերմէ,
զայն
չընդունիմք
ի
շարս
միաբան
եղբարց,
եւ
այսպէս
վճռեմք
եւ
այսպէս
ստորագրեմք
(ԵՂՄ.
6-7):
Չիլինկիրեան
ասկէ
ետքը
Յոպպէ
մնալն
ալ
անհնար
տեսնելով,
Հիւնքեարպէյէնտեանի
Կ.
Պոլիս
դառնալուն
առթիւ
անոր
ընկերացաւ
(§
2715),
եւ
հասնելով
յայտնի
պայքար
բացաւ
Երուսաղէմի
միաբանութեան
դէմ,
օգտուելով
մանաւանդ
պատրիարքական
ընտրութեան
խնդիրէն,
եւ
Երուսաղէմի
դէմ
եղող
դուրսէնական
կուսակցութեան
յարելով
ուզեց
միաբանութիւնը
ընկճել:
Որչափ
ալ
ինքն
կանուխէն
իր
պատրաստած
Երուսաղէմի
կանոնագիրի
մը
ծրագրին
մէջ,
զոր
հրատարակութեան
ալ
տուած
էր,
յայտնապէս
գրած
ըլլար,
որ
Երուսաղէմի
կողմէ
Կեդրոնի
վարչութեան
ներկայուելիք
երեք
ընտրելիներ,
ըստ
հին
կանոնի
սուրբ
աթոռոյս
›
տե'ս
Հաննէ
պատմագիր
›
հարազատ
միաբաններէն
պիտի
ըլլան
(ՏԷՐ.
635-636),
բայց
հազիւ
Կ.
Պոլիս
ոտք
կոխած
յուլիս
15
թուականով,
իր
ստորագրութեամբ
եւ
նախկին
աւագ
թարգման
սուրբ
աթոռոյն
Երուսաղէմի
պատուանունն
ալ
կցելով,
յայտարարութիւն
մը
ցրուեց
ազգին
մէջ
թէ
Կարապետ
կաթողիկոսէ
նզովքի
ներքեւ
հռչակուած
կանոնները
գոյութիւն
չունին,
թէ
Երուսաղէմի
մէջ
պահուած
ձեռագիրին
մէջ
չկան,
եւ
թէ
օտար
ձեռքէ
մուծուած
են
տպագիրին
մէջ
(61.
ՄԱՍ.
393):
Շուտով
իրեն
ձայնակցեցաւ
Թադէոս
Միհրդատեան
օգոստոս
25-ին
հրատարակած
Երկու
խօսք
գրութեամբ
(ՄԻՀ.
192),
որուն
մէջ
կը
վկայէր
թէ
ինքն
ալ
տեսած
է
կանոնները
չունեցող
ձեռագիրը,
եւ
թէ
մէջէն
թերթ
մըն
ալ
կտրած
վերցուցած
է
Դաւիթ
եպիսկոպոսի
հաւանութեամբ,
որով
կը
հաստատուի
որ
նզովքի
մասը
օտար
ձեռքէ
մուծուած
է
Հաննայի
տպագիրին
մէջ
(ՏԷՐ.
611-615):
Չիլինկիրեանի
ընթացքը
բացատրեցինք
արդէն,
իսկ
Միհրդատեանի
համար
երկար
գրելու
պէտք
չունինք,
զի
նա
յայտնի
է
իբրեւ
ընդդիմութեան
հոգիէ
մղուած
եւ
բորբոքեալ
երեւակայութեամբ
վառուած
մի
անձնաւորութիւն,
պատրաստ
ամէն
բան
աղարտելու
եւ
ամէն
խնդիր
շփոթելու:
Որչափ
որ
երկուքին
ալ
ընդդիմութիւնները
Մատթէոս
կաթողիկոսի
սեպտեմբեր
1-ի
կոնդակով
ցրուած
նկատուին
(§
2720),
սակայն
աւելորդ
չենք
սեպեր
մեր
կողմէն
ալ
ինչ
ինչ
բացատրութիւններ
աւելցնել,
իբր
զի
կաթողիկոսական
կանոններու
վաւերականութիւնը
կենսական
խնդիր
է
ազգային
եկեղեցական
պատմութեան
համար:
2724.
ՏՊԱԳԻՐԻՆ
ՎԱՒԵՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Հաննա
վարդապետի
Գիրք
պատմութեան
սրբոյ
եւ
մեծի
քաղաքին
Աստուծոյ
Երուսաղէմի
երկասիրութեան
բնագիրը
կամ
ձեռագիրը
Երուսաղէմի
մէջ
չկայ
եւ
չէ
եղած,
եւ
այս
շատ
բնական
է,
զի
Երուսաղէմի
մէջ
պատրաստուած
բնագիրը
Կ.
Պոլիս
յղուած
է
տպագրուելու
համար,
եւ
տպագրութեան
գործածուած
օրինակը,
ոչ
դարձած
է
եւ
ոչ
ալ
դառնալու
վիճակին
մէջ
մնացած
կ՚ըլլար:
Գիրքին
սկիզբը
1727
յունուար
1
թուական
մը
նշանակուած
է
(ՀՆՆ.
2),
որ
պարզապէս
գրութեան
սկզբնաւորութեան
թուականն
է,
զի
տպագրութիւնը
լրացած
է
1734
յունիս
26-ին
(ՀՆՆ.
376):
Տպագրութեան
յղուելուն
ժամանակին
համար
ալ
ըսուած
է,
թէ
մինչ
լրումն
եղեւ
շարադրութեանս,
ետ
սուրբ
հայրս
մեր
Գրիգոր
Շղթայակիր
զսա
ի
տպումն,
որ
է
ըսել
թէ
գրութիւնը
լրանալէն
անմիջապէս
ետքը
տպագրութեան
յղուեցաւ,
իսկ
տպագրութեան
սկսելուն
մասին
ալ
ըսուած
է
թէ
մինչ
ի
սկիզբն
էաք
տպեցմանն
եհաս
վախճան
հեղինակին,
որ
տեղի
ունեցած
է
1733
յունիս
11-ին
(§
1968):
Ըստ
այսմ
կը
քաղենք
թէ
1727
յունուարին
խմբագրութիւնը
սկսաւ,
1732-ին
լրացաւ
եւ
տպագրութեան
յղուեցաւ,
եւ
1734
յունիսին
տպագրութիւնը
աւարտեցաւ,
որով
բնաւ
անժամանակութեան
խնդիր
չի
կրնար
ըլլալ
եթէ
1729-ի
եւ
1731-ի
դէպքերը
կը
յիշուին
գիրքին
մէջ
(ՀՆՆ.
167-168),
ինչպէս
ոմանք
ուզեցին
կարծել
(61.
ՄԱՍ.
493):
Գալով
ձեռագիրին
խնդիրին
Երուսաղէմի
թանգարանին
մէջ
կը
գտնուի
արհեստով
սուվայիճի
եղած
ըլլալուն
համար
(ԾԵՓ.
845)
ծեփարար
մականուանեալ
Կեսարացի
Եղիա
վարդապետի
ընդօրինակած
Սարգիս
Շնորհալւոյ
կաթողիկեայց
թուղթերուն
մեկնութեան
հատորը,
որուն
վերջը
աւելցուած
է
Հաննա
վարդապետի
յիշատակարանը
յաղագս
անցիցն
անցելոց
եւ
վասն
Ծռազատկի
(ԾԵՓ.
1157),
եւ
այս
էր
որ
սխալմամբ
Հաննայի
պատմութեան
բնագիր
կարծուեր
է,
բայց
Հաննայի
ընդարձակ
գիրքը
չէ,
այլ
միայն
համառօտ
գրուած
մըն
է
(ԾԵՓ.
1157-1183),
եւ
այն
ալ
երկու
կտորէ
բաղկացած
եւ
մաղթանքներով
եւ
ամէն-ով
իրարմէ
զատուած
(ԾԵՓ.
1170),
որոնց
առաջինը
Երուսաղէմի
աղէտալի
օրերուն
կրած
նեղութիւնները,
եւ
Կոլոտի
ու
Շղթայակիրի
ջանքերով
նեղութիւններէ
ազատիլը
կը
պարունակէ,
եւ
երկրորդը
1729
տարւոյ
ծռազատկին
դէպքերը
կը
պատմէ,
եւ
իրարմէ
անկախ
երկու
մասեր
կը
կազմեն:
Առաջինը
ինչպէս
մտադրութեամբ
կարդալով
կը
տեսնուի
1726-էն
առաջ,
այսինքն
Կարապետ
կաթողիկոսութենէն
ու
կանոններէն
առաջ
գրուած,
որով
չէր
կրնար
անոնց
վրայ
խօսիլ:
Իսկ
երկրորդը
միայն
ու
միայն
ծռազատիկով
կը
զբաղի
եւ
ուրիշ
խնդիր
չխառներ,
որով
նզովքները
յիշելու
առիթ
ալ
չունէր:
Աւելցնենք
եւս
թէ
առաջին
մասին
շարադրութիւնը
բոլորովին
տարբեր
է
տպագրեալ
գիրքին
յաղագս
անցիցն
անցելոց
գլուխին
շարադրութենէն
(ՀՆՆ.
115),
որ
է
ըսել
թէ
Հաննա
առաջին
գրութիւն
մը
կազմած
է
իբր
պարզ
աթոռական
յիշատակարան,
եւ
յետոյ
մեծ
աշխատութեան
մէջ
նոյն
նիւթը
անցուցած
է
փոփոխութեամբ
եւ
տարբեր
շարադրութեամբ,
թէպէտ
նմանութիւններ
կան
երկու
խմբագրութիւններու
միջեւ,
ինչ
որ
բնական
էր:
Ըստ
այսմ
կանոններուն
ձեռագիրի
մէջ
չգտնուիլը
եւ
տպագրութեան
մէջ
գտնուիլը,
բնաւ
անոնց
վաւերականութիւնը
չխախտեր,
եւ
լոկ
աչքկապուկ
խաղ
մըն
է
Չիլինկիրեանէ
եւ
Միհրդատեանէ
այդ
մասին
ստեղծուած
զրոյցը:
Երուսաղէմի
թանգարանին
մէջ
կը
գտնուի
ուրիշ
ձեռագիր
մըն
ալ
ծռազատկի
պատմութիւնը
պարունակող
(ՍԵՌ.
),
ուր
Շղթայակիրի
գործերէն
ինչ
ինչ
յիշուած
են,
բայց
այն
ոչ
թէ
Հաննա
վարդապետի
այլ
Սեռսամուէլեան
Աբրահամ
սարկաւագի
մը
գործն
է
(ՍԵՌ.
81),
Երուսաղէմի
մէջ
գրուած
ու
ամբողջապէս
ծռազատիկի
խնդիրին
նուիրուած,
եւ
կանոններուն
հետ
կապ
չունեցող,
բայց
ուզեցինք
յիշել
որ
մի
գուցէ
զրոյցի
հեղինակներէն
իբր
Հաննայի
գիրքին
ձեռագիրը
կարծուած
ըլլայ:
2725.
ՆԱՐԵԿԻ
ՅԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆԸ
Գալով
Կարապետ
կաթողիկոսի
կողմէն
հռչակուած
կանոններուն
ստուգութեանը,
զարմանալի
է
այսպիսի
հեղինակաւոր
եւ
մանրամասնօրէն
պատմուած
իրողութեան
մը
մասին
կասկածներ
յարուցանել,
եւ
միայն
կամակոր
միտք
մը
կրնար
այսպիսի
տեսութիւն
մը
յղանալ:
Գիրքի
մը
մէջ
օտար
ձեռք
մը
կրնայ
թերեւս
բան
մը
փոխել,
տող
մը
աւելցնել,
իմաստ
մը
այլայլել,
բայց
ամբողջ
պատմութիւն
մը
յերիւրել,
եւ
զայն
պատմական
եւ
իսկական
պարագաներով,
տեղագրական
եւ
ժամանակագրական
հանգամանքներով
տպագիր
երկասիրութեան
մը
մէջ
մուծանել,
նորանշան
դիպուած
մը
եղած
կ՚ըլլար:
Մենք
իր
կարգին
յառաջ
բերած
ենք
այդ
պարագաները
(§
1849)
Հաննայի
գիրքէն
քաղելով
(ՀՆՆ.
156-161),
եւ
կրկնելու
պէտք
չենք
զգար:
Մտադրութեան
արժանի
է
եւս
որ
գիրքին
տպագրութեան
եւ
հրատարակութեան
ատեն
կենդանի
էին
Կոլոտն
ալ
Շղթայակիրն
ալ,
եւ
պէտք
կ՚ըլլար
այդ
երկու
պատուական
եւ
ամենագովելի
անձերը
իբր
խարդախողներ
ամբաստանել,
եթէ
իրօք
Հաննայի
պատմութեան
տպագիրին
մէջ
օտար
ձեռք
մտած
ըլլար:
Բայց
այս
տպագրութենէն
ալ
առաջ
նզովիւք
փակուած
կանոններուն
հռչակման
վկայութիւնը
կը
գտնուի
միեւնոյն
1726
տարւոյն
մէջ
Կ.
Պոլիս
տպուած
Նարեկին
յիշատակարանին
մէջ
(ՏԷՐ.
671),
եւ
խստապարանոց
կամակորութեամբ
միայն
հնար
կ՚ըլլայ
օրը
օրին
եւ
ամէնուն
աչքին
առջեւ
խարդախութիւն
մը
ենթադրել
պաշտօնական
եւ
հրապարակային
եղելութեան
մը
վրայ:
Մեր
աչքին
առջեւ
ունինք
Նարեկի
այդ
տպագրութիւնը,
որ
եհաս
ի
կատարումն
տպեցման
ի
թուին
Հայոց
ՌՃՀԵ=1726,
ի
լրումն
տարւոյն,
այսինքն
ի
վերջնումն
դեկտեմբերի
(ՆՐԿ.
428),
որուն
յիշատակարանին
մէջ
գրեթէ
բառացի
յառաջ
կը
բերուին
Հաննայի
պատմութեան
այս
մասերը,
եւ
աւելորդ
չենք
սեպեր
զայն
ամբողջապէս
դնել
այստեղ:
Արդ
նախ
կը
յիշուի
Երուսաղէմի
անցուցած
տագնապը,
եւ
տագնապէ
ազատուիլը,
կը
պատմուի
տագնապին
պատճառը
փնտռելնին
եւ
ստուգելնին,
թէ
այն
էր
պատճառն
որ
եկամուտ
եւ
ոչ
ի
տունն
այն
սնեալ
ոք
առաջնորդ
եւ
վէքիլ
եղեւ
նմա,
որ
յայտ
է
գիտողաց,
եւ
այլք
ոմանք
ի
ձեռս
աշխարհականաց
տուեալ
զվերակացութիւն
վանից,
քայքայեցին
եւ
գրեթէ
ի
հիմանց
տապալեցին:
Եւ
կը
շարունակէ
պատմել.
իբրեւ
զայս
այսպէս
ստուգեցին,
ապա
հրամանաւ
նորապսակ
հայրապետին
եւ
սրբազան
կաթողիկոսին,
եւ
երկուց
ընտրեալ
պատրիարքաց
այսոցիկ,
եւ
այլ
պատրաստ
գտեալ
եպիսկոպոսաց
եւ
վարդապետաց
եւ
քահանայից
հաստատեցաւ
կանոն
իմն
այսպէս:
Եթէ
յայմսհետէ
եկամուտ
ոք
որ
ի
տունն
այն
չիցէ
սնեալ
եւ
զելումուտ
նորա
չիցէ
իմացեալ,
եւ
յանդգնեսցի
առաջնորդ
լինել
նմա
կամ
վէքիլ.
նզովեալ
եղիցի:
Եթէ
ոք
յայսըմհետէ
պատճառ
լիցի
զպատրիարքութիւն
սրբոյն
Երուսաղէմի
կցեալ
ընդ
առաջնորդութեան
Կոստանդնուպոլսոյ
կամ
այլ
ինչ
տեղւոյ,
որ
մեծ
պատճառն
այս
էր
սրբոյ
տանս
աւերման,
նզովեալ
եղիցի:
Արդ
յիշեցաք
զայս
զի
զգուշութիւն
լիցի
սպառնեացն,
եւ
ոչ
ի
փառս
ներկայ
եղելոցս
(ՆՐԿ.
429-450):
2726.
ԿԱՍԿԱԾՆԵՐՈՒ
ՀԵՐՔՈՒՄԸ
Հաննայի
տպագիրին
ստուգութիւնը
օրը
օրին
կատարուած
հրատարակութեամբ
ալ
հաստատելէն
ետքը,
բոլորովին
անհիմն
լեզուագարութիւն
ըսել,
թէ
նոյն
յիշատակարանը
չի
գտնուիր
1763-ին
Նալեանի
օրով
կատարուած
Նարեկի
յաջորդ
տպագրութեան
մէջ,
որով
իբր
թէ
առաջին
յիշատակարանին
խարդախեալ
ըլլալուն
համար
զանց
եղած
ըլլալը
կը
հետեւցնեն:
Սակայն
գրչագիրներու
եւ
տպագիրներու
յիշատակարանները
իրենց
օրերուն
յատուկ
են
եւ
յաջորդներուն
չեն
անցնիր,
եւ
միայն
իրենց
օրուան
դիպուածները
կը
յիշատակեն
(ՏԷՐ.
672):
Կարապետեան
կանոններուն
եւ
նզովքներուն
վաւերականութիւնը
այնպէս
յայտնի
եւ
ստոյգ
մի
կէտ
է,
որ
1801-ին
ալ
Երուսաղէմի
միաբանութիւնը
զայն
կը
յիշեցնէ
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքարանին
չընտրել
զայլ
ոք
կամ
օտար,
զոր
եւ
նզովիւք
փակեալ
են
ի
պատրիարքութեան
տեառն
Գրիգորի
արժանընտիր
վեհին,
այսինքն
Շղթայակիրին,
մի'
եւ
մի'
յարտաքնոց
եպիսկոպոսաց
կացուցանել
պատրիարք,
եւ
այդ
սկզբունքով
կը
յաղթէին
Վանեցի
Թէոդորոսի
պատրիարքութիւնն
ընդունելու
դժկամակութեան,
զի
մի'
գուցէ
զմինն
յընտրելոց
կաթողիկոսաց,
Դանիէլը
կամ
Դաւիթը
դիցեն
պատրիարք
աստ
յԵրուսաղէմ
(ՀԱՐ.
15):
Իսկ
Էջմիածնի
եւ
Կ.
Պոլսոյ
աթոռներուն
օրինակները,
Երուսաղէմի
վրայ
ալ
տարածելու
անխտիր
ամէն
կողմէ
աթոռակալներ
առնելու
սկզբունքը,
պարզ
իմաստակական
պատճառաբանութիւն
մը
կը
դառնայ
երբոր
դիտենք,
թէ
Էջմիածնի
եւ
Կ.
Պոլսոյ
աթոռները
ընդհանուր
ազգին
վրայ
իրաւասութիւն
վարող
աթոռներ
են,
մինչ
Երուսաղէմ
յատկապէս
սուրբ
տեղեաց
պաշտաման
եւ
պահպանութեան
եւ
պաշտպանութեան
նուիրուած
աթոռ
մըն
է
ամփոփ
իրաւասութեամբ
եւ
առանձնայատուկ
պայմաններով,
որոնք
անհրաժեշտ
կը
դարձնեն
նոյն
աթոռին
վրայ
չունենալ
մէկ
մը,
որ
ի
սուրբ
Երուսաղէմ
չիցէ
սնեալ
եւ
զամենայն
զելս
եւ
զմուտս
սրբազան
Երուսաղէմայ
աթոռոյն
չիցէ
իմացեալ,
եւ
բազմաւ
ժամանակաւ
չիցէ
վարժեալ
յամենայն
գործս
սրբոյ
Երուսաղէմի
(ՀՆՆ.
157):
Մենք
իրողութիւնը
յիշելով
եւ
կանոնին
բառերն
ալ
յառաջ
բերելով
անոնց
իմաստին
բացատրութեանը
չենք
մտներ,
եւ
ոչ
ալ
կը
փնտռենք
թէ
Երուսաղէմի
միաբանութեան
անդամակից
չգտնուած
մէկ
մըն
ալ
կրնաflյ
արդեօք
կանոնին
մէջ
յիշուած
պայմանները
ունեցող
սեպուիլ,
եւ
այս
այն
դիտմամբ
որ
կանոնին
հռչակուելէն
եւ
Շղթայակիրին
1749-ին
վախճանելէն
ետքը
Երուսաղէմի
պատրիարք
ընտրուած
Նալեանին
անձը
խնդիրի
նիւթ
եղած
է,
բայց
եթէ
միաբան
նկատուի
ինչպէս
ոմանք
կը
պնդեն
(ՏԷՐ.
685),
կամ
թէ
չնկատուի
ալ
ինչպէս
ուրիշներ
կը
կարծեն
(61.
ՄԱՍ.
493),
իրականութիւն
մըն
է
թէ
նա
Երուսաղէմի
աթոռին
մէջ
ալ
ապրած
անձ
մըն
էր,
եւ
բացառիկ
պարագաները
անհրաժեշտ
կը
դարձնէին
այնպիսի
մէկու
մը
Երուսաղէմի
աթոռին
վրայ
գտնուիլը,
մինչեւ
որ
կացութիւնը
պարզուելով
Յակոբ
Նալեան
կը
քաշուէր,
եւ
Թէոդորոս
Խորենացին
բնիկ
միաբան
աթոռ
կը
բարձրանար
1752-ին
(§
2037),
եւ
այնպէս
ալ
կը
շարունակէ
անընդհատաբար,
զի
Յովհաննէսի
մահուանէն
ետքը
յուզուած
ներսէն-դուրսէն
խնդիրն
ալ
վերջապէս
ներսէնական
սկզբունքին
համաձայն
վերջացաւ:
2727.
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ
ՋԱՆՔԵՐ
Ըսինք
արդէն
(§
2727)
թէ
սահմանադրութեան
դադարելովը,
Երուսաղէմի
խնդիրը
զինադուլի
ժամանակ
մը
ունեցաւ,
մինչեւ
սահմանադրութեան
պետական
հաստատութեամբ
վերանորոգուիլը,
1861-էն
1863
երկամեայ
միջոց
մը:
Այդ
օրուն
մէջ
նկատողութեան
արժանի
եղելութիւններ
չունինք
պատմելու,
զի
ակնկալութեան
միջոց
մըն
էր,
սպասելով
որ
սահմանադրութեան
հաստատութեամբ
ընդհանուր
ժողով
բացուի
եւ
հնար
ըլլայ
պատրիարքի
ընտրութիւն
կատարել:
Աթոռական
վարչութեան
գլուխը
կը
մնար
ծերունի
Վրթանէս
վարդապետ
Վարդանեան,
իսկ
արարողական
հանդիսութեանց
կը
նախագահէր
Գերմանիկցի
Մեսրոպ
եպիսկոպոս
Սսոյ
աթոռին
միաբաններէն:
Լուսարարապետութեան
կամ
հնաւանդ
կոչմամբ
փակակալութեան
պաշտօնը
բաց
կը
մնար
Գէորգ
եպիսկոպոսի
մահուան
վրայ,
եւ
յաջորդի
ընտրութիւնը
յետաձգուած
էր
նախապէս
պատրիարքի
ընտրութիւնը
լրացնելու
համար:
Կ.
Պոլսոյ
եղելութիւնները
Երուսաղէմը
կը
հետաքրքրէին
եւ
Իսահակ
վարդապետ
պակաս
չէր
ըներ
հաղորդել
բոլոր
անցուդարձերը,
եւ
փոխադարձ
գիրեր
կը
յաճախէին,
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքարանին
ալ
դիմում
կ՚ըլլար
օր
առաջ
ընտրութիւնը
կատարել
տալու,
բացատրութիւններ
ալ
կը
տրուէին
Իսահակի
վերագրուած
երդումի
մասին,
թէ
պատրիարքութեան
աչք
չունենալ
երբեք
չընդունելու
երդում
չէ,
թող
որ
նա
չէր
կրնար
այսպիսի
երդում
ընել,
քանի
որ
նախապէս
երդուեալ
էր
աթոռական
իշխանութեան
հնազանդիլ:
Նշանաւոր
է
այս
մասին
հոկտեմբեր
19-ին,
այսինքն
նոյն
իսկ
Սարգիս
պատրիարքի
հրաժարականին
օրը
(§
2729)
անոր
ուղղուած
նամակը
(ԵՂՄ.
115-117):
Միւս
կողմէն
նկատելով
թէ
շարունակ
միաբանութիւնը
կ՚ամբաստանուի
իբր
ուսման
անհոգ
եւ
ապագայի
անտարբեր,
ժողովականք
ձեռնարկեցին
Ժառանգաւորաց
վարժարանը
բարեկարգել
ձեռնհաս
ուսուցիչ
մը
հրաւիրելով,
եւ
առ
այս
նորէն
կը
դիմէին
Տիգրան
Սաւալեանի,
որ
հեռացեր
էր
Յովհաննէսի
օրէն
(§
2647),
եւ
երբ
սա
կը
դանդաղէր,
Իսահակ
վարդապետ
ուրիշ
Զմիւռնացի
մը
կը
ղրկէր,
որ
սակայն
գոհացուցիչ
չգտնուելով
նորէն
Սաւալանեանի
կը
դիմեն,
որ
հազիւ
1863
դեկտեմբերին
կը
հասնէր,
եւ
գործի
կը
ձեռնարկէր,
երբ
արդէն
սահմանադրութեան
հաստատութիւնը
ստացուած
էր:
Տեղապահ
Վրթանէս
վարդապետ
աւելի
յարգանքի
եւ
պատկառանքի
ոյժով
բարձր
կը
պահէր
իր
դիրքը,
քան
թէ
կարողութեամբ
եւ
գործունէութեամբ,
բայց
իրեն
լաւ
գործակիցներ
ունէր
ներքին
եւ
արտաքին
խորհուրդները,
որոնք
կազմուած
էին
1861-ին
սկիզբը,
միաբանութեամբ
կազմուած
կանոնագիրին
համաձայն
(§
2705),
որոնք
ամէն
փոյթ
եւ
ջանք
ձեռք
առած
էին
չտալ
ումեք
տեղի
խծբծելոյ
եւ
մեղադրելոյ
զմիաբանութիւնն,
եւ
միանգամայն
ամենայն
պնդութեամբ
պաշտպան
կը
կանգնէին
սեփական
իրաւանց
սրբոյ
աթոռոյն
ընդդէմ
անիրաւութեանց,
որոնք
թէ
բաժնեկից
ազգութիւններէն
կը
մղուէին
սուրբ
տեղեաց
մէջ,
եւ
թէ
Կ.
Պոլսոյ
կողմէն
կը
յուզուէին
միաբանական
կազմակերպութեան
դէմ
(ՍԱՒ.
1378):
Մատակարարական
տեսակէտէն
մեղադրանքներ
լսուած
են,
թէ
այս
միջոցին
տեսուչներու
վրայ
պարտուպատշաճ
հսկողութիւնը
պակսեցաւ,
թէ
շռայլութեանց
կամ
իւրացուցմանց
ալ
պարագաներ
ճշմարտուեցան,
եւ
թէ
սուրբ
աթոռին
ելեւմուտքը
հաւասարակշռութիւնը
կորսնցնելուն
հարկեցաւ
առնել
փոխառութիւնս,
որով
եդաւ
հիմն
պարտուց
(ՍԱՒ.
1379):
Սակայն
պէտք
չէ
դիտողութենէ
վրիպեցնել,
թէ
կեդրոնական
վարչութիւնն
իր
անհարկի
միջամտութիւններով,
եւ
մանաւանդ
Երուսաղէմի
արդիւնքները
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքութեան
դարձնելու
ձգտումներով,
անհրաժեշտ
պաշտպանողականի
ստիպեց
միաբանութիւնը,
մինչ
յայտնի
էր
որ
որեւէ
պայքար
առանց
ծախուց
եւ
առանց
զոհողութեանց
առաջ
չի
տարուիր:
Այս
միջոցին
էր
որ
Յակոբոս
Սերոբեան
նախկին
պատրիարք
Երուսաղէմի
համար
աշխատելէն
ետքը,
Երուսաղէմի
ուխտն
ալ
կատարել
ուզեց,
եւ
1862
հոկտեմբեր
3-ին
Կ.
Պոլիսէ
ուղեւորեցաւ
Յովհաննէս
Սեթեան
եւ
Ալիքսան
Ունճեան
եւ
Զաքարիա
վարդապետաց
հետ,
եւ
12-ին
Յոպպէէ
եւ
17-ին
Ռեմլէէ
մեկնելով
18-ին
Երուսաղէմ
մտաւ
(62.
ՄԱՍ.
556),
բայց
նոյեմբեր
5-ին
վախճանեցաւ,
ինչպէս
գրեցինք
(§
2593),
եւ
յուղարկաւորութիւնը
կատարուեցաւ
Մեսրոպ
եպիսկոպոսի
հանդիսադրութեամբ:
2728.
ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ
ՑՈՅՑԸ
Եթէ
Սահմանադրութեան
հաստատուելուն
խնդիրը
այնչափ
կը
շահագրգռէր
Երուսաղէմը,
յայտնի
է
թէ
շատ
աւելի
պիտի
զբաղեցնէր
Կ.
Պոլիսը,
որ
բովանդակ
իր
վարչական
ընթացքը
կաշկանդուած
կը
զգար,
որչափ
ալ
տեղապահ
մը
եւ
առժամեայ
ժողով
մը
գտնուէին
պատրիարքարանի
մէջ:
Սահմանադրութեան
դադարումը
վերաքննութեան
պայմանով
էր
հրամայուած,
եւ
այս
նպատակով
առօրեայ
վարչութենէն
զատ
յատուկ
վերաքննութեան
յանձնաժողով
մըն
ալ
կար
կառավարութենէ
որոշուած
(§
2721)
Սերովբէ
Վիչէնեանի
կամ
Սերվիչէն
բժշկապետի
ատենապետութեամբ,
որ
անմիջապէս
գործի
ձեռնարկեց
1861
նոյեմբերի
սկիզբները,
եւ
փութաց
իր
գործը
օր
առաջ
լրացնել,
եւ
1862
յունուարին
սկիզբները
կառավարութեան
ներկայեց
վերաքննեալ
սահմանադրութեան
ծրագիրը:
Կառավարութիւնն
ալ
փութաց
իր
զննութիւններն
ընել
եւ
ինչ
ինչ
փոփոխութիւններով
ծրագիրը
յանձնաժողովին
դարձուց
փետրուար
8-ին,
որ
կառավարութեան
դիտողութիւնները
ըստ
մեծի
մասին
ընդունեց:
Սակայն
կառավարութիւնը
փետրուար
14-ին
պաշտօնագիրով
(ՍՀՄ.
1)
հրամայեց
որ
եկեղեցականներ
եւ
դադարեալ
ժողովին
երեսփոխանները
գումարուին,
եւ
եօթը
անձեր
ընտրեն,
որոնք
պետական
Յանձնաժողովին
հետ
համախորհուրդ
վերջնական
ծրագիրը
պատրաստեն:
Ժողովը
անմիջապէս
գումարուեցաւ
92
անձանց
ներկայութեամբ
եւ
տեղապահի
նախագահութեամբ,
եւ
ընտրուեցան
Ստեփան
Ասլանեան
եւ
Նահապետ
Ռուսինեան
բժիշկներ,
Գրիգոր
Օտեան,
Մինաս
Մինասեան,
Մկրտիչ
Աղաթոնեան,
Յովհաննէս
Սուրէնեան
եւ
Մանուկ
Մանուկեան:
Երկու
յանձնաժողովներ
մէկ
գումարումով
համաձայնութիւն
գոյացուցին,
եւ
պատրաստուած
ծրագիրին
ընկերացող
տեղեկագիրը
ստորագրուեցաւ
փետրուար
16-ին,
տեղապահէն
եւ
պետական
յանձնաժողովոյն
11
եւ
ազգային
յանձնաժողովին
7
անդամներէն
(ՍՀՄ.
2-7),
բայց
կ՚երեւի
թէ
անագան
ներկայացուեցաւ
ապրիլ
1-ին
կիրակի
օր
(62.
ՄԱՍ.
530):
Կառավարութիւնը
որ
առջի
օրեր
խնդիրը
վերջացնելու
մտադրութիւն
կը
ցուցունէր,
այս
անգամ
ամիսներով
ուշացուց
իր
պատասխանն
ու
որոշումը,
հակառակ
Մաղաքեան
տեղապահին
եւ
երկու
քննական
յանձնաժողովներուն
եւ
Բարունակ
Ֆէրուհխան
բժիշկի
ատենապետութեամբ
գործող
վարչական
յանձնաժողովին
հետապնդութեանց:
Հանրութիւնը
անհամբեր
Տեղապահն
ու
Յանձնաժողովը
իբր
անհոգ
ենթադրելով
1862
օգոստոս
1
չորեքշաբթի
օր,
իբր
հազար
հոգւոյ
մեծ
բազմութեամբ
պատրիարքարան
կը
դիմէ
վարչական
ժողովին
գումարման
պահուն
եւ
սահմանադրութիւնը
կը
պահանջէ:
Ատենապետը
կը
խոստանայ
կառավարութեան
դիմելով
միւս
չորեքշաբթի
պատշաճ
պատասխանը
հաղորդել,
բայց
բազմութիւնը
գիրին
գիրով
պատասխան
կը
պահանջէր,
տեղապահը
ստորագրելու
հարկ
չի
տեսներ,
ատենապետը
առանց
անունի
լոկ
ազգային
վարչութիւն
կը
ստորագրէ,
նկատելով
որ
խնդրագիրն
ալ
հայ
հասարակութիւն
ստորագրութիւն
ունէր:
Բազմութիւնը
որ
գործին
վերջնական
լուծումը
տալու
նպատակով
խմբուած
էր,
հետզհետէ
իր
պահանջները
կը
շատցնէ,
ատենապետի
ստորագրութիւն,
տեղապահի
ստորագրութիւն,
կառավարութեան
անմիջական
դիմում,
պաշտօնէ
դադարում
կը
պահանջէ,
եւ
յորդորներ
ու
խրատներ
օգուտ
չեն
ըներ,
պատգամաւորներու
թիւը
հետզհետէ
կ՚աւելնայ,
պատրիարքարանը
խուռն
բազմութեամբ
կը
լեցուի,
որոնք
վերջին
ընելիքնին
կը
գործադրեն.
տեղապահ
եւ
ժողովական
եւ
պաշտօնեայ
եւ
սպասաւոր
պատրիարքարանէն
կը
հանեն,
դուռը
կը
փակեն,
եւ
բանալիները
տանելով
եկեղեցին
կը
հաւաքուին
բուռն
աղաղակներով:
Եղելութիւնը
կը
լսուի,
պատրիարքարանի
գործակատարն
ալ
պարագաները
կը
հաղորդէ,
Սէլիմ
փաշա
զինուորական
ուժով
տեղւոյն
վրայ
կու
գայ,
տեղապահը
եւ
ժողովականները
կը
տեսնէ,
կը
ստիպուի
անձամբ
եկեղեցի
ալ
մտնել
եւ
բազմութեան
հետ
բանակցիլ
եւ
հազիւ
խրատներով
եւ
յորդորներով,
բայց
աւելի
սահմանադրութեան
հաստատութիւնը
փութացնելու
խոստումով
կը
յաջողի
ժողովուրդը
ցրուել,
սակայն
այն
օր
ամենայն
ինչ
անկերպարան
կը
մնայ
(62.
ՄԱՍ.
547):
Միւս
օր
օգոստոս
2
հինգշաբթի
Սէլիմ
փաշա
կը
դառնայ,
դարբինի
ձեռքով
պատրիարքարանը
բանալ
կու
տայ,
տեղապահը
եւ
ժողովականները
տեղերնին
կը
նստեցնէ,
հրամանագիր
մըն
ալ
կարդալ
կու
տայ,
որ
եթէ
նորէն
հակառակութիւն
մը
պատահելու
ըլլայ
համարձակողները
ըստ
կանոնաց
պատժուելու
եւ
խրատուելու
համար
բարձրագոյն
դուռ
ծանուցուին,
եւ
պահ
մըն
ալ
այնտեղ
մնալով
կը
մեկնի
(62.
ՄԱՍ.
548):
2729.
ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆԸ
Ժողովրդական
բուռն
ցոյցը
իրաւ
գործը
իր
լուծման
չհասցուց,
բայց
նոր
կացութիւն
մը
ստեղծեց,
վարչական
մարմինը
անհաստատ
դիրքի
մէջ
դրաւ
եւ
գործելու
ստիպեց,
եւ
միանգամայն
կառավարութեան
ալ
զգացուց
գործին
ելք
մը
տալու
հարկը:
Այդ
պարագաներու
հետեւանքով
տեղապահ
եւ
վարչութիւն
1862
սեպտեմբեր
1-ին
հրաժարական
կը
մատուցանեն
(62.
ՄԱՍ.
551),
որ
սակայն
չընդունուիր
(62.
ՄԱՍ.
552),
ուստի
14-ին
Իւսկիւտարի
մէջ
մեծ
ժողով
մը
կը
գումարուի
25
եկեղեցական
եւ
70
աշխարհական
ներկաներով
(62.
ՄԱՍ.
553),
որ
19-ին
իրենց
աղերսագիրը
կը
ներկայեն
կառավարութեան,
միշտ
նոյն
խնդրանքը
կրկնելով
(62.
ՄԱՍ.
554):
Պատասխան
կը
տրուի
թէ
ուսումնասիրութիւնները
լրացած
են
եւ
կայսեր
պիտի
մատուցուին
(62.
ՄԱՍ.
557),
բայց
դարձեալ
գործադրութիւնը
կը
յապաղի,
եւ
նոյեմբեր
24-ին
նոր
դիմումներ
կ՚ըլլան
միշտ
եպարքոս
Ալի
փաշային,
որ
դարձեալ
մօտ
օրէն
լրացնելու
խոստումը
կը
կրկնէ
(62.
ՄԱՍ.
563):
Սակայն
օրեր
կ՚անցնին
եւ
սպասուած
պաշտօնական
ծանուցումը
կը
յապաղի,
եւ
տեղապահը
եկեղեցականներու
ընկերակցութեամբ,
որոնց
մէջ
նաեւ
Երուսաղէմի
փոխանորդ
Իսահակ
վարդապետ,
նոր
դիմում
մը
կ՚ընէ
1863
յունուար
19-ին
շաբաթ
օր,
եւ
նորէն
առաջիկայ
երկուշաբթիին
պատասխանը
ընդունելու
խոստումով
կը
մեկնի
(63.
ՄԱՍ.
572):
Երկուշաբթին
ալ
կ՚անցնի,
ուրիշ
երկուշաբթիներ
ալ
կ՚անցնին
ակնկալութեամբ
եւ
հետապնդութեամբ,
մինչեւ
որ
վերջապէս
մարտ
16-ին
շաբաթ
օր,
պայրամի
շնորհաւորութեան
այցելութեան
առթիւ
Ալի
փաշա
տեղապահին
կ՚աւետէ
թէ
ազգային
սահմանադրութիւնը
օգոստափառ
ինքնակալին
բարձր
հաւանութեամբ
վաւերացած
է:
Երեքշաբթի
մարտ
19-ին
տեղապահ
եւ
պետական
յանձնաժողովոյ
անդամներէ
ոմանք
եպարքոսին
ապարանքը
երթալով
կ՚ընդունին
հաստատուած
սահմանադրութիւնը
եւ
հաստատութեան
կայսերական
հրովարտակը,
որ
մարտ
17
թուականը
կը
կրէր
(ՍՀՄ.
8):
Չորեքշաբթի
20
մարտ
կը
հաւաքուին
պետական
քննիչ
եւ
ազգային
վերաքննիչ
եւ
առժամեայ
վարիչ
յանձնաժողովներ
եւ
պաշտօնապէս
կ՚ընդունին
սահմանադրութիւնը
տեղապահ
Մաղաքեան
Ստեփան
եպիսկոպոսի
ձեռքէն
(63.
ՄԱՍ.
580),
շաբաթ
23
մարտ
դադարեալ
Ընդհանուր
ժողովոյ
անդամներէն
85
երեսփոխաններ
եւ
բաւական
թուով
եկեղեցականներ
պատրիարքարան
Ընդհանուր
ժողովի
կը
գումարուին
եւ
սահմանադրութեան
հանդիսական
հրատարակութիւնը
կը
կատարուի
(63.
ՄԱՍ.
581),
զոր
ծայրէ
ծայր
կը
կարդայ
Ստեփան
Ասլանեան
բժշկապետ:
Կայսեր
եւ
մեծ
եպարքոսին
եւ
նախարարութեան
եւ
տեղապահին
շնորհակալիքներ
կը
յայտարարուին,
ոգեւորեալ
ատենաբանութիւններ
կը
խօսուին,
եւ
տասը
անդամներէ
բաղկացեալ
սահմանադրութեան
գործադիր
եւ
առժամեայ
վարիչ
մարմին
մը
ընտրութիւնը
կը
քուէարկուի,
սակայն
քուէհամարը
երկուշաբթի
մարտ
25-ին
կը
լրանայ,
եւ
կ՚ընտրուին,
Ստեփան
Ասլանեան,
Մկրտիչ
Աղաթոնեան,
Յովհաննէս
Սուրէնեան,
Վարդերես
Միսաքեան,
Գրիգոր
Մարկոսեան,
Արիստակէս
Ալթունտիւրրի,
Յովակիմ
Նէվրուզեան,
Մարտիրոս
Միւհէնտիսեան,
Պօղոս
Աշնանեան
եւ
Գիսակ
Թորոսեան
(63.
ՄԱՍ.
581):
Այսպէս
1860
մայիս
24-ին
սահմանադրութեան
նախնական
կազմութենէն
34
ամիս
ետքը,
իսկ
1861
օգոստոս
26-ի
դադարումէն
19
ամիս
ետքը
օսմանեան
հպատակ
հայ
ազգութիւնը
ազգային
վարչութեան
համար
պետական
որոշումով
եւ
կայսերական
հաստատութեամբ
վաւերացեալ
կանոնագիր
մը
ունեցաւ,
որով
կարենար
կառավարել
իր
ներքին
գործերը
եւ
ամուր
կռուանի
վրայ
հիմնել
փոխադարձ
իրաւանց
եւ
պարտուց
յարաբերութիւնները:
Բայց
մենք
պատմութեան
կարգին
չյառաջացած
օգտակար
կը
դատենք
վաւերացեալ
սահմանադրութեան
ամփոփումը
տալ
եւ
նախնականին
հետ
(§
2078)
բաղդատել:
2730.
ՀԱՍՏԱՏՈՒԱԾԻՆ
ԱՄՓՈՓՈՒՄԸ
Սահմանադրութեան
հաստատուած
բնագիրը
տաճկերէն
լեզուով
պիտի
ըլլար
բնականաբար,
սակայն
հայերէնն
ալ
սկիզբէն
իբրեւ
բնագիր
նկատուեցաւ,
որչափ
ալ
եթէ
խնդիր
մը
տեղի
ունենար,
տաճկերէնն
էր
որ
իբրեւ
լուծման
փաստ
պիտի
ծառայէր:
Այս
տեսակէտէն
սկսելով
սահմանադրութիւն
անունը
նիզամնամէ
գրուած
է
տաճկերէնին
ճակատը,
որ
պարզապէս
կանոնագրութիւն
կամ
կարգադրութիւն
կը
նշանակէ,
եւ
չի
համապատասխանէր
եւրոպական
լեզուներու
մէջ
կիրարկուած
քօնսթիթիւսիօն
(Constitution)
բառին,
որ
այժմ
միապետական
իշխանութիւնը
չափաւորելու
կամ
սեղմելու
իմաստով
կը
գործածուի,
Սահմանադրութեան
սկիզբը
պզտիկ
յառաջաբանութիւն
մը
(ՍՀՄ.
9)
եւ
վեց
յօդուած
հիմնական
սկզբունք
կան
(ՍՀՄ.
11-12),
որոնք
սակայն
տաճկերէն
պաշտօնականին
մէջ
կը
պակսին:
Հիմնական
սկզբունքները
նորին
մէջ`
պարունակութեամբ
նման
են
նախնականին
սկիզբը
գտնուող
հիմնական
սկզբունքներուն,
թէպէտ
տարբեր
եւ
աւելի
խնամեալ
շարադրութիւն
մը
ստացած
են:
Նախնականը
150
յօդուած
ունէր,
իսկ
հաստատուածը
միայն
99
յօդուած
ունի,
հակառակ
որ
նոր
նիւթեր
կամ
գլուխներ
աւելցուած
են
վերջինին
մէջ:
Իսկ
գլուխները
հինգ
են
նորին
մէջն
ալ
Ա.
Ազգային
կեդրոնական
վարչութիւն,
Բ.
Ընդհանուր
կանոնք
ժողովոց,
Գ.
Ազգային
տուրք,
Դ.
Գաւառական
վարչութիւն,
Ե.
Վերաքննութիւն.
մինչ
նախնականին
մէջ
Ա.
եւ
Ե.
գլուխները
նոյներ
էին,
իսկ
Բ.
էր
ազգային
տուրք,
Գ.
ընտրութիւն
եւ
Դ.
ներքին
կանոնադրութիւն
ժողովոց:
Հաստատուածը
ուղղակի
պատրիարքէն
կը
սկսի,
ընտրութիւն
եւ
հրաժարում,
եւ
պաշտօն
ու
պարտաւորութիւնք
ստորաբաժանմամբ,
եւ
ընդ
ամէնն
12
յօդուածներով
(ՍՀՄ.
13-19),
մինչ
նախնականին
մէջ
այդ
կէտերը
ցրուած
էին
զանազան
գլուխներու
եւ
հատուածներու
ներքեւ:
Ըստ
այսմ
հաստատուածին
մէջ
զեղչուած
են
կազմութիւն
եւ
պատասխանատուութիւն
եւ
յարաբերութիւնք
հատուածները,
որոնք
8
յօդուած
կը
բռնէին
(ՊԷՐ.
392-394):
Նմանապէս
ազգային
ընդհանուր
ժողով
հատուածն
ալ,
որ
նախնականին
մէջ
պատրիարք
հատուածին
նախադասուած
էր
(ՊԷՐ.
394-396),
հաստատուածին
մէջ
բոլոր
վարչական
ժողովներէն
եւ
խորհուրդներէն
ետեւ
թողուած
է
(ՍՀՄ.
39-49):
Ընդհանուր
առմամբ
պատրիարքին
ընտրութեան
կերպը,
իրաւունքները,
պարտքերը,
հրաժարիլը
եւ
ամբաստանուիլը
հիմնական
տարբերութիւն
չունին
երկու
խմբագրութիւններու
մէջ,
թէպէտ
տարբերած
են
բացատրութիւններն
եւ
շարադրութիւնները:
Նկատելի
կէտեր
են,
որ
երբ
նախնականը
յայտնապէս
պատրիարքը
Էջմիածնայ
կաթողիկոսէն
ձեռնադրեալ
կամ
անկէ
իբր
Էջմիածնայ
եպիսկոպոս
ընդունուած
անձ
պիտի
ըլլայ
կ՚ըսէ,
հաստատուածը
ի
վաղուց
անտի
պատրիարքութեան
յատկացեալ
եպիսկոպոսաց
դասէն
կ՚ըսէ,
Էջմիածնի
անուն
չտալու
համար,
եւ
մինչ
նախնականը
պարզապէս
օսմանեան
տէրութեան
հպատակ
կ՚ըսէր,
հաստատուածը
գոնէ
իւր
հօրմէն
սկսեալ
օսմանեան
հպատակ
կ՚աւելցնէ
(ՊԷՐ.
416,
ՍՀՄ.
13),
օտարահպատակները
աւելի
հեռացնելու
համար:
Ուստի
ձեւին
մէջ
ալ
աւելցուած
է
հաւատարիմ
մնալ
տէրութեան
եւ
ազգիս
(ՍՀՄ.
16),
որ
նախնականին
մէջ
կը
պակսէր
(ՊԷՐ.
417):
Ամբաստանութեան
քննիչ
յանձնաժողովին
անդամները
նորին
մէջ
տասնի
վերածուած
են
(ՍՀՄ.
17),
մինչ
նախնականին
մէջ
21
էին
(ՊԷՐ.
417):
Պատրիարք
հատուածի
12
յօդուածներուն
նորին
մէջ
կը
հետեւի
պատրիարքական
դիւանատունը,
յօդուած
13-16
(ՍՀՄ.
20-21),
որ
շատ
տարբերութիւն
չունի
նախնականին
66-74
յօդուածներէն
(ՊԷՐ.
405-407):
Նորին
մէջ
աւելցուած
է
պատրիարք
սրբոյ
Երուսաղէմի
հատուածը,
յօդուած
17-23
(ՍՀՄ.
21-24),
որ
քիչ
ու
շատ
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարք
հատուածին
կը
նմանի:
Ընտրութեան
ձեւին
համար
ըսուած
է
թէ
միաբանութիւնը
եօթը
ընտրելիներ
կը
ներկայէ,
որոնք
միաբանութեան
եպիսկոպոսներէն
կամ
վարդապետներէն
պէտք
է
ըլլան,
եւ
միանգամայն
միաբանութենէ
զատուած
պէտք
չէ
ըլլան,
եւ
ընտրութիւնը
Կոստանդնուպոլսոյ
ազգային
ժողովներուն
կողմէն
պիտի
կատարուի,
այսինքն
խառն
ժողովը
եօթնանուն
ցանկէն
եռանուն
մը
պիտի
կազմէ,
բայց
Ընդհանուրը
եռանունին
կապուած
չէ,
այլ
եօթանունին
մէջէն
ո'րն
որ
ուզէ,
կրնայ
ընտրել:
Երուսաղէմի
հատուածին
յաւելումը
յայտնապէս
հետեւանք
էր
տիրող
խնդիրին,
եւ
հարկաւ
խնդիր
յուզուած
չլինելուն
պատճառն
է
որ
մոռցուած
են
Կիլիկիոյ
եւ
Աղթամարայ
կաթողիկոսութիւնները,
որոնց
մասին
յիշատակութիւն
եղած
չէ
սահմանադրութեան
մէջ,
որչափ
ալ
պէտք
էր
ընել
Կ.
Պոլսոյ
աթոռին
հետ
կապուած
ըլլալնուն
համար:
Կրօնական
ժողով
եւ
քաղաքական
ժողով
եւ
խորհուրդներ,
ուսումնական
ու
դատաստանական,
որ
24-47
յօդուածներուն
մէջ
կը
պարունակուին
(ՍՀՄ.
24-32),
շատ
չեն
տարբերիր
նախնականին
20-50
եւ
56-59
յօդուածներէն
(ՊԷՐ.
398-404):
Նախնականին
ելեւմտական
խորհուրդը
ելեւմտից
հոգաբարձութեան
փոխուած
է,
եւ
աւելցուած
են
վանօրէից
խորհուրդ
եւ
կտակաց
հոգաբարձութիւն
եւ
կը
պարունակուին
48-51
յօդուածներու
մէջ
(ՍՀՄ.
32-36),
որոնք
յատուկ
նկատելի
պարագայ
մը
չեն
ներկայեր:
Թաղական
խորհուրդներ
նորին
52-56
յօդուածները
կը
գրաւեն
(ՍՀՄ.
37-38),
եւ
շատ
չեն
տարբերիր
նախնականին
62-65
յօդուածներէն
(ՊԷՐ.
404-405):
Նորին
մէջ
ասոնցմէ
ետքը
դրուած
է
Ընդհանուր
ժողովը,
ընդհանուր
կանոններուն
հետ
մէկտեղ,
եւ
57-84
յօդուածներուն
մէջ
կը
պարունակուի
(ՍՀՄ.
39-49),
մինչ
նախնականին
մէջ
պատրիարքէն
առաջ
էր
դասուած
կազմութեան
եւ
իրաւանց
տեսակէտէն,
իսկ
ընտրութիւններ
առանձինն
գլուխ
եղած
էին
(ՊԷՐ.
395-396.
եւ
410-416):
Ընդհանուր
ժողովի
մասին
գլխաւոր
տարբերութիւնն
է,
որ
400
ժողովականաց
թիւը
140-ի
զեղչուած
է,
20
եկեղեցական,
40
աշխարհական
գաւառներէ,
եւ
80
աշխարհական
մայրաքաղաքէն,
որոնց
բաշխումն
ալ
վարչութեան
թողուած
է
եւ
կանուխէն
ցուցակ
չէ
կազմուած
եւ
փոփոխելի
է:
Յիրաւանց
կամ
ի
պաշտամանէ
ժողովականներ
ջնջուած
են,
եւ
բոլորն
ալ
ընտրեալ
երեսփոխան
պիտի
ըլլան,
մայրաքաղաքացիները
իւրաքանչիւր
թաղի
վարչական
ընտրողներէն,
գաւառացիները
գաւառական
ընդհանուր
ժողովներէն
եւ
եկեղեցականները
մայրաքաղաքի
եկեղեցականներէն:
Իսկ
պետական
պաշտօնէութեանց
կամ
աստիճանաւորաց
համար
ըսուած
է
միայն
թէ
մայրաքաղաքի
80
երեսփոխաններէն
գոնէ
եօթ
աստիճանաւոր
անձինք
ըլլալու
են
(ՍՀՄ.
43):
Ընտրութեանց
ձեւեր
սովորականներն
են
եւ
նախնականին
ու
նորին
մէջ
շատ
տարբերութիւն
չունին:
Նորին
առաջին
գլուխը
ընդամէնը
84
յօդուածներ
ունի,
որով
շատ
քիչ
տեղ
տրուած
է
մնացած
չորս
գլուխներուն,
այսինքն
ժողովոց
կանոններուն
5
յօդուած,
ազգային
տուրքի
4,
դաւանական
վարչութեան
5,
եւ
վերաքննութեան
1,
ընդ
ամէնն
15
յօդուած
(ՍՀՄ.
49-54):
Այս
չորս
գլուխներու
մասին
նորին
եւ
նախնականին
կարգադրութիւնները
հիմնական
տարբերութիւն
չունին,
միայն
վերաքննիչ
յանձնաժողովը
30
անդամէ
20-ի
վերածուած
է,
եւ
վերաքննութեան
համար
հինգ
տարի
պայմանաժամ
որոշուած
է:
2731.
ԱՆԿԱՇԿԱՆԴ
ՏԵՍՈՒԹԻՒՆ
Ազգային
Սահմանադրութիւնը
երկար
ատեն
ազգին
մղձաւանջն
եղաւ,
եւ
հաստատուելէն
ետքն
ալ
ազգին
պարծանքը
սեպուեցաւ
եւ
մինչեւ
վերջին
օրեր
ամենայն
գուրգուրանքով
պահուեցաւ
եւ
պաշտպանուեցաւ,
եւ
վտանգներէն
ազատուիլը
մեծ
յաջողութիւն
սեպուեցաւ:
Որչափ
ալ
այս
տողերը
գրողն
եւս
իր
մասնակցութիւնն
եւ
աշխատութիւնն
ունեցած
է
վերջին
պարագաներու
մէջ
Սահմանադրութեան
գոյութիւնը
պաշտպանելու,
այսու
ամենայնիւ
անաչառ
պատմագիրի
եւ
անկաշկանդ
քննասէրի
պարտք
կը
սեպէի
իրականութեան
պարագաներն
ալ
չծածկել
իր
ընթերցողներէն:
Սահմանադրական
շրջանը,
այսինքն
1860-է
ասդին
անցած
կէս
դարը
անկասկած
ազգային
զարգացման
եւ
յառաջդիմութեան
ժամանակամիջոց
մը
եղած
է,
սակայն
իրաւացի
չէր
ըլլար
կարծել
թէ
այս
ամէնը
պարզապէս
տաճկահայոց
սահմանադրութեան
արդիւնքն
է,
զի
շատ
աւելի
պատճառներ,
ինչպէս
դարին
պահանջը,
միջազգային
շփումները,
պետական
կարգադրութիւնները,
օտարաց
ձեռնտուութիւնները,
նպաստեցին
այդ
արդիւնքը
յառաջ
բերելու:
Մանաւանդ
պէտք
չէ
մոռնալ
որ
Ռուսահայեր
առանց
Տաճկահայոց
սահմանադրութեան,
անոնցմէ
աւելի
յառաջացած
եւ
զարգացած
կը
գտնուին
այսօր:
Տաճկահայոց
դիրքը,
որ
յատուկ
կացութեան,
ներքին
կազմակերպութեան
եւ
ինքնուրոյն
վարչութեան
առաւելութիւնները
վայելած
է
օսմանեան
գահուն
հովանաւորութեան
ներքեւ,
իրեն
հիմ
ունեցած
է
կրօնական
սկզբունքը
եւ
եկեղեցական
կերպարանը,
եւ
անով
ապրած
է
միշտ,
որով
այդ
սկզբունքը
հնար
չէր
խախտելու:
Ազգին
որոշ
կանոնադրութիւն
մը
ունենալը
անհրաժեշտ
էր,
դասակարգերուն
ժառանգական
կամ
նիւթական
առաւելութեամբը
իրարու
վրայ
ճոխանալը
նոր
ժամանակը
չէր
ներեր,
եկեղեցական
գործոց
մէջ
աշխարհական
տարրին
մասնակցութիւնը
Հայ
եկեղեցւոյ
սեփական
պարծանքն
էր,
եւ
այդ
հիմերը
պէտք
էր
որ
նուիրագործուէին
պաշտօնական
կանոնադրութեան
կամ
սահմանադրութեան
մէջ:
Բայց
այդ
նպատակները
իրականացնելու
ձեռնարկողներ
աւելի
քան
աւանդական
սկզբունքներէ,
իրենց
կրթուած
տեղւոյն,
յայտնի
ըսենք
գաղղիական
երկրին
ու
մթնոլորտին
ազդեցութիւններէն
առաջնորդուած
իրենց
ներշնչումներն
առին
նոյն
երկրին
քաղաքական
գաղափարներէն
եւ
նոյն
մթնոլորտով
ոգեւորուեցան,
եւ
կրօնական
եւ
եկեղեցական
հիմամբ
կազմուած
հասարակութիւնը`
պարզապէս
քաղաքական
հասարակութեան
մը
ձեւին
կաղապարել
յորդորուեցան:
Ընդհանուր
ժողովին
մէջ
20
եկեղեցականի
դէմ
120
աշխարհական,
վարչական
ժողովներու
եւ
խորհուրդներու
մէջ
24
եկեղեցականի
դէմ
62
աշխարհական,
թաղական
խորհուրդներու
մէջ
բոլորը
աշխարհական,
անշուշտ
եկեղեցական
նշանակութեան
նուազման
եւ
կրօնական
ազդեցութեան
տկարացման
պիտի
առաջնորդէին:
Մանաւանդ
որ
ազգային
գերագոյն
ատեանը,
բացարձակ
համարառուն
եւ
ինքնազօր
ուղղիչը
Ընդհանուր
ժողովն
էր,
որուն
20
եկեղեցականները
որոշմանց
ոյժին
մէջ
հազիւ
15%
կը
կազմէին,
պատրիարքն
ալ
որոշմանց
գործադիր
պաշտօնեայ
մըն
էր
դարձած,
եւ
եկեղեցական
գաղափարը
աննշանակ
տարր
էր
ուղղութիւն
տալու
տեսակէտէն:
Դիտելի
է
եւս
որ
երբ
ազդեցութիւն
մը
կը
ջնջուէր,
ուրիշ
մը
չէր
կրնար
զօրանալ,
քանի
որ
պետական
տեսակէտը
չէր
կրնար
ներել
որ
իր
սահմանին
մէջ
ուրիշ
քաղաքական
ձեւ
մը
կազմուէր,
որով
թէ
հինը
կը
կորսուէր
եւ
թէ
նորը
չէր
ստացուէր:
Յունական
ազդեցութիւնը,
որուն
կանոնադրութիւնը
կամ
սահմանադրութիւնը
Հայ
ազգութեան
սահմանադրութենէն
առաջ
կազմուեցաւ,
ոչ
մնայուն
եւ
վարիչ
ու
համարառու
ընդհանուր
ժողով
ունի,
ոչ
առանձինն
գործող
քաղաքական
ժողով
ունի,
ոչ
աշխարհական
խորհուրդներու
բազմաթիւ
ճիւղեր
ունի,
եւ
այսօր
հայ
հասարակութենէն
ոչ
միայն
յետնեալ
չէ,
այլ
եւ
աւելի
խաղաղ
եւ
կանոնաւոր
կեանք
կ՚անցունէ,
եւ
ազգային
կոչուած
իրաւունքները
աւելի
ամուր
կերպով
կը
պաշտպանէ:
Երուսաղէմի
ընտրողական
պայքարը,
որով
փոքրիշատէ
զբաղեցանք
եւ
դեռ
պիտի
զբաղինք,
քաղաքական
ժողովին
արդիւնքն
էր,
եւ
սահմանադրութեան
առաջին
օրէն
գայթակղութեան
քար
մը
եղաւ,
եւ
քիչ
մնաց
որ
սահմանադրութիւնը
վտանգէր,
մանաւանդ
որ
միակ
ալ
չմնաց
իր
տեսակին
մէջ,
եւ
սահմանադրական
միջոցին
Տաճկահայոց
կեանքը
սոյնտեսակ
էութեամբ
մանր
այլ
աղմուկով
ծանր
խնդիրներու
անընդհատ
շարայարութիւն
եղաւ:
Իսկ
թէ
ի'նչպէս
պետական
շրջանակը
հաճեցաւ
այդպիսի
սահմանադրութիւն
մը
հաստատել,
արդէն
տեսնուեցաւ
որ
պարզապէս
հանդարտութիւն
պահպանելու
բռնադատեալ
զիջողութիւն
մը
եղաւ,
որուն
հաստատութիւնը
տալ
տուողն
իսկ
խեթիւ
հայեցաւ,
եւ
նոյն
եպարքոսին
բերանը
կը
դրուի,
թէ
տրուած
սահմանադրութիւնը
քառակուսի
անիւ
մըն
է,
որ
զայն
դարձնել
ուզողներուն
փորձանքը
պիտի
ըլլայ:
Նորէն
կը
կրկնենք
թէ
պատմագիրի
անհրաժեշտ
անաչառութենէն
չխուսափելու
տեսակէտէն
է
այդ
տողերուն
շարժառիթը:
2732.
ԶԷՅԹՈՒՆԻ
ԳՈՐԾԵՐ
Սահմանադրութեան
գործադրուելուն
պարագաները
չպատմած
յիշենք
մասնաւոր
միջադէպ
մըն
ալ,
որ
հետապնդութեանց
միջոցին
տեղի
ունեցաւ:
Կիլիկիոյ
լեռներուն
դժուարամատչելի
մի
մասը
կը
կազմէ
հինն
Ուլնիա,
յետին
ժամանակաց
մէջ
Զէյթուն
կոչուած,
ուր
ապաստան
գտած
էր
դարերէ
ի
վեր
ափ
մը
հայ
ժողովուրդ,
դադարեալ
ժամանակաց
բեկորներէն
մնացած:
Հին
ատեններու
մէջ
տիրող
եւ
աւանդականի
նմանող
դրութիւնը,
անառիկ
տեղերուն
ընծայած
դիւրութիւնը,
նոյն
իսկ
ինքնուրոյն
կացութեանց
հանդէպ
օսմանեան
պետութեան
թոյլատու
ուղղութիւնը,
կայսերութեան
զանազան
կողմեր
պահած
էր
քանի
քանի
տեղեր,
որոնք
որոշ
հարկի
մը
պայմանով
առտնին
կառավարուելու
արտօնեալ
էին:
Այսպէս
էր
եւ
Զէյթուն,
որուն
կացութիւնը
պաշտօնապէս
վաւերացուած
էր
Մուրատ
Դ.
Սուլտանի
1618
փետրուար
17-ի
կայսերական
հրովարտակով
(ՎՐԺ.
39-42):
Զէյթունի
մասին
ակնարկ
մը
ըրած
կը
գտնուինք
(§
2360),
զի
Զէյթուն
զանազան
ժամանակներ
իր
վրայ
խօսիլ
տուած
է,
եւ
իր
շուրջ
աւելի
կամ
նուազ
կարեւոր
միջադէպներ
տեղի
ունեցած
են,
եւ
մինչեւ
իսկ
իրենց
դիրքը
պաշտպանելու
առիթներ
անցուցած
են,
այլ
միայն
այն
առիթով
որ
1859-ին
նորոգուեցաւ:
Զէյթունի
դրացի
է
Թէճիրլի,
ուր
Թիւրքմէն
հատուած
մը
կը
մնար
Զէյթունցոց
նման
ինքնուրոյն
կացութեամբ:
Կառավարութիւնը
1842-ին
ձեռնարկած
էր
զայն
նուաճել,
Թէճիրլիցիք
Զէյթունցիներէ
օգնութիւն
խնդրած,
եւ
միանալով
կառավարական
յարձակումը
ընկրկած
էին
(ՎՐԺ.
61):
Զէյթունցիք
կը
սպասէին
փոխադարձ
բարեկամութիւն
գտնել,
ընդհակառակն
շարունակ
ընդհարումներ
ունեցան,
մինչեւ
որ
Թէճիրլիցիք
1855-ին
պարտութիւն
խոստովանեցան
եւ
երդումով
խոստացան
այլեւս
չարիք
չհասցնել
Զէյթունցիներուն,
որոնց
կը
հրամայէր
Տէր
Յովհան
քահանայ
Ղէրպոյեան,
Տէլիքէշիշ
մականուանեալ
(ՎՐԺ.
66),
եւ
երբեմն
օսմանեան
անկանոն
գունդերու
հազարապետ
ալ
եղած
(ՎՐԺ.
206):
Զէյթունցիք
իրենց
խնդիրները
վերջնական
կարգադրութեան
մը
յանգեցնել
ուզելով,
Մեսրոպ
վարդապետը
եւ
Մովսէս
քահանան
Կ.
Պոլիս
պատգամաւոր
ղրկեցին
1859-ին,
Թէճիրլիցիները
Զէյթունէն
հեռացնել
տալու
յաջողեցան,
բայց
երբ
կը
ջանային
Մուրատ
Դ.
-ի
հրովարտակը
վերանորոգել
տալ,
ընդհակառակն
Զէյթունը
հասարակ
գաւառի
դիրքին
վերածելու
հրամանը
տրուեցաւ,
եւ
Մարաշի
կառավարիչ
Խուրշիտ
փաշա
մեծամբոխ
բանակով
1860
յունիս
8-ին
Զէյթունի
առջեւ
երեւցաւ,
եւ
12
տարիներու
յետնեալ
տուրքերը
պահանջեց
(ՎՐԺ.
66):
Զէյթունցիք
զլացան
Մուրատ
Դ.
-ի
հրովարտակին
վրայ
հիմնուելով,
զէնքի
ալ
դիմեցին,
եւ
վրանին
եկող
բանակը
իրենց
սահմանէն,
Ճիհան
գետէն
անդին
հալածեցին
(ՎՐԺ.
67):
Միւս
տարին
Զէյթուն
եկաւ
ինքզինքը
Լեւոն
իշխան,
եւ
մինչեւ
իսկ
Լեւոն
Է.
անուանող
մէկ
մը,
որ
Զէյթունցիներէ
Գաղղիոյ
կայսեր
Նաբոլէոն
Գ.
-ի
ուղղուած
հանրագրութիւն
մը
առնելով
Գաղղիա
դարձաւ,
եւ
մինչեւ
իսկ
յաջողեցաւ
Նաբոլէոնի
Կ.
Պոլսոյ
Գաղղիական
դեսպանին
յանձնարարել
տալ,
որ
Զէյթունցոց
խնդիրով
զբաղի:
Հետեւանքն
եղաւ
որ
օսմանեան
կառավարութիւնը
խորհեցաւ
միանգամ
ընդ
միշտ
ջնջել
Զէյթունի
լեռնականները,
եւ
այդ
գործը
յանձնեց
Մարաշի
կառավարիչ
Ազիզ
փաշայի
(ՎՐԺ.
69),
որ
առիթ
քաղելով
թուրքի
մը
դիակին
շուրջը
բացուած
կռիւէն,
եւ
Զէյթունցոց
կռիւին
մասնակցելէն,
պահանջեց
անոնց
չորս
իշխանները
եւ
70
յարձակողները
իրեն
յանձնել
որ
դատէ,
եւ
երբ
անոնք
մերժեցին,
անկանոն
գունդերու
եւ
գլխաւորապէս
Ռուսիայէ
գաղթող
Չէրքէզներու
ահեղ
բազմութեամբ
եւ
երկու
թնդանօթով
Զէյթունի
վրայ
յարձակեցաւ:
Պաշտպանութեան
կէտին
վրայ
ծագած
անհամաձայնութեան
երեսէն
Զէյթունցիներու
փոքրիկ
խումբ
մը
կորուստով
նահանջեց,
Ս.
Փրկչի
վանքը
գրաւուեցաւ,
Չմշկածագցի
Մամբրէ
վարդապետ
խողխողուեցաւ,
բայց
Զէյթունցոց
գունդերը
երեքի
բաժնուելով
լաւ
դիրքերը
բռնեցին,
հատուած
մը
առջեւը
թողուցին,
որ
փախուստ
ձեւացնելով
թշնամին
թակարդի
ենթարկեց,
մինչ
գունդերը
Ս.
Աստուածածնի
վանքը
հսկումով
եւ
քարոզով
եւ
հաղորդուելով
գործի
կը
պատրաստուէին,
եւ
1862
օգոստոս
2
հինգշաբթին
իրենց
յաջողութեան
օր
ըրին:
Ազիզի
բանակը
հալածական
ետ
դարձաւ
եւ
Ճիհանը
անցաւ
լեռնականներուն
ձեռքը
թողլով
երկու
թնդանօթները,
ձիեր
եւ
զէնքեր
եւ
ուտելիքներ
եւ
իբր
2000
հոգի
սպաննուած
(ՎՐԺ.
76-79),
զորս
Զէյթունցի
Մուսթաֆա
մոլլա
թաղել
դժկամակեցաւ
ըսելով
թէ
անոնք
եկած
էին
անմեղները
սպաննելու
եւ
կիներ
բռնաբարելու
(ՎՐԺ.
80):
Սակայն
Ազիզի
գունդին
հալածուիլը
կացութիւնը
չէր
պարզէր,
կրնար
իսկ
աւելի
դժուարացնել,
ուստի
Յակոբ
քահանայ
եւ
Մնացական
Սէմէրճեան
պատգամաւոր
նշանակուեցան
եւ
սեպտեմբեր
27-ին
Կ.
Պոլիս
հասան,
երբ
կայսերական
նոր
պատգամ
մը
կանոնաւոր
զօրքը
շարժման
դնել
եւ
Զէյթունը
բնաջինջ
ընել
կը
հրամայէր:
Նեղ
ժամուն
Գրիգոր
վարդապետ
Աբարդեան
Զէյթունէ
Կ.
Պոլիս
եւ
անկէ
Փարիզ
ղրկուեցաւ,
ուր
Շահնազարեան
Կարապետ
վարդապետի
ձեռնտուութեամբ
աղերսագիր
մատոյց
Նաբոլէոնի,
նա
ալ
Ապտիւլ
Ազիզ
սուլտանը
ստիպեց
հրամանը
փոխել,
զօրքերը
ետ
քաշել
եւ
դեսպանատան
երկրորդ
թարգմանը
Յուլիոս
Ռոպեր
երկու
պատգամաւորներուն
հետ
Զէյթուն
եկան
մօտէն
կացութիւնը
հետազօտելու
եւ
Ազիզի
արշաւանքին
մասին
Մարաշի
մէջ
պաշտօնական
քննութիւն
բանալու,
քննիչ
մըն
ալ
պատրիարքարանի
կողմէ
նշանակելով:
Սարգիս
պատրիարքի
կողմէն
այդ
պաշտօնին
նշանակուեցաւ
Եօզղատի
առաջնորդ
Մատթէոս
վարդապետ,
բայց
անոր
ճամբայ
չելած
վախճանելուն
վրայ,
պաշտօնը
յանձնուեցաւ
Կ.
Պոլսոյ
արուարձան
Խասքէօյի
Ս.
Ստեփանոս
եկեղեցւոյն
քարոզիչ
Ներսէս
Վարժապետեան
երիտասարդ
վարդապետին
(ՎՐԺ.
86):
2733.
ՆԵՐՍԷՍ
ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ
Պատուիրակութեան
պաշտօնին
կոչուող
Ներսէսը
նոյն
ինքն
ապագային
հռչակ
ստացող
Ներսէս
պատրիարքն
է,
եւ
պէտք
կը
զգանք
այժմէն
զայն
ներկայացնել
մեր
ընթերցողներուն:
Ներսէս
իր
Վարժապետեան
մականունը
եւ
իր
Պօղոս
աւազանի
անունը
ժառանգած
է
իր
մեծ
հօրմէն,
Խասքէօյցի
Պօղոս
երաժիշտ
վարժապետէն,
Զէննէ
մականուամբ
ծանօթ
իգականի
նման
քնքուշ
ձայնին
պատճառով,
որ
իր
ժամանակին
նշանաւոր
դէմք
մը
եղած
է
քաղցր
ձայնովը,
երգիչի
յաջողութեամբը,
երաժշտական
հմտութեամբը,
եւ
Զինճիրլի
խանին
մէջ
երգեցողութիւն
ուսուցանելովը,
որով
Բաբերդցի
Յովհաննէս
պատրիարքէ
գրեթէ
բռնի
սարկաւագ
կը
ձեռնադրուի,
եւ
հազիւ
կ՚ազատի
քահանայ
ձեռնադրուելէ
(ԱՅՎ.
Ա.
116):
Թոռը
Ներսէս
Խասքէօյ
ծնած
1837
յունուար
28-ին,
յառաջադէմ
աշակերտ
եղած
է
թաղին
Ս.
Ներսիսեան
վարժարանին,
եւ
ուշիմութեամբը
եւ
անուշ
ձայնովը
սիրելի
եղած
է
թաղին
եւ
վարժարանին
խնամակալներուն,
որով
երբ
15
տարեկան
Ստեփան
հօրմէն
որբ
կը
մնայ
եւ
մօրը
ու
պզտիկ
քրոջը
ու
երկու
մանր
եղբայրներուն
հոգը
իբրեւ
անդրանիկ
իր
վրան
կը
ծանրանայ,
թոշակաւոր
վարժապէտ
կ՚ընդունուի
1853-ին,
ուսկից
1855-ին
ուսուցչութեան
պաշտօնով
կը
փոխադրուի
Ադրիանուպոլիս,
եւ
1858
օգոստոս
16-ին
առաջնորդ
Արիստակէս
Ռափայէլեան
եպիսկոպոսէ
քահանայութեան
եւ
աբեղայութեան
ձեռնադրութիւն
կ՚ընդունուի,
եւ
քիչ
օրէն
վարդապետական
աստիճան
ալ
կը
ստանայ,
եւ
ինչպէս
ուսուցչութեամբը,
նոյնպէս
քարոզչութեամբ
ալ
համակրանաց
կ՚արժանանայ:
Այդ
միջոցին
է
որ
հայ
հռոմէական
քարոզիչներուն
Ադրիանուպոլսոյ
մէջ
հաստատուիլը
կ՚արգիլէ
իր
ջանքերով
եւ
քարոզներով:
Միւս
տարին
Խասքէօյի
հնօրեայ
քարոզիչ
Յովհաննէս
վարդապետին
վախճանելովը,
թաղեցիներէն
քարոզիչ
կ՚ուզուի,
եւ
Գէորգ
պատրիարքի
հրամանով
Խասքէօյ
կը
հաստատուի
1859-ին:
Մայրաքաղաքին
մէջ
սահմանադրական
ճիգերու
շրջանն
էր,
եկեղեցականութեան
մէջ
ցանցառ
էին
լուսաւորեալ
կոչուած
խումբին
ձեռնտուներ,
Ներսէս
հոգւով
ու
սրտով
խումբին
կը
յարի,
եւ
նորահարս
երիտասարդութեան
աշխոյժով
կատարեալ
խորհրդակից
եւ
գործակից
կը
գտնուի
անոր
ամէն
պարագաներու
մէջ.
խումբն
ալ
չվարանիր
անոր
դիրքը
բարձրացնել,
իբր
լեզուագէտ,
իբր
կրօնագէտ,
իբր
քարոզիչ
եւ
իբր
գործիչ,
զի
իրօք
ալ
Ներսէս
կ՚արդարացնէր
իր
վրայ
դրուած
վստահութիւնը:
Ներսէս
Երուսաղէմի
ընտրողական
կամ
ներսէն-դուրսէն
խնդիրին
մէջ
ալ
իր
բարեկամ
խումբէն
չբաժնուեցաւ,
եւ
անոնց
միտքով
կը
խօսէր
եւ
կը
գործէր:
Ռումանիոյ
այցելու
յղուեցաւ
1861-ին,
եւ
Կ.
Պոլիս
դառնալէն
ետքը
Թրանսիլվանիա
ալ
գնաց
նոյն
պաշտօնով
(84.
ԱՐՇ.
261),
եւ
այդ
պատուիրակութեանց
մէջ
ցուցուցած
յաջողակութեան
վրայ
1862-ին
Ատանայ
յղուեցաւ
ժողովուրդին
մէջ
ծագած
խնդիրները
վերցնելու,
եւ
սահմանադրական
կանոնները
գործադրելու,
եւ
հոն
գտնուելուն
առթիւ
Մատթէոս
վարդապետի
տեղ
Զէյթունի
յանձնաժողովին
ալ
անդամակից
նշանակուեցաւ
1862
նոյեմբեր
3-ին
(62.
ՄԱՍ.
560):
Բայց
Ներսէս
արդէն
Ատանան
խաղաղացուցեր
եւ
ժողովներ
կազմեր
էր,
եւ
Կիրակոս
Բ.
կաթողիկոսի
հետ
ալ
անհամաձայնութիւնը
հարթելու
համար
Ատանացի
գլխաւորները
Սիս
էր
տարած
եւ
կաթողիկոսի
հետ
հաշտեցուցած:
Կիրակոս
տեսնելով
Ներսէսի
արդիւնաւորութիւնը
եւ
յառաջիկային
ալ
յօգուտ
Կիլիկիոյ
գործելու
մտադրութիւնը,
Ատանացւոց
ալ
խնդրանքով
հոկտեմբեր
13-ին
Թարգմանչաց
եւ
Ներսէսի
Շնորհալւոյ
տօնին
օրը
եպիսկոպոս
կը
ձեռնադրէ
25ուկէս
տարեկան
երիտասարդ
վարդապետը.
քանի
որ
Կիլիկիոյ
ժողովուրդը
երկար
ժամանակներէ
ի
վեր
բանիբուն
վարդապետի
մը
երես
տեսած
չէր:
Գովութեամբ
ընդունուած
է
այն
ատեն
Ներսէսի
Կիլիկիոյ
հայութեան
նուիրուիլը
(62.
ՄԱՍ.
563),
բայց
չենք
իմանար
թէ
ի'նչ
հիմամբ
Կիլիկիոյ
կաթողիկոս
մը
կրցած
է
Շիրակայ
արքեպիսկոպոս
պատուանունը
տալ
իր
ձեռնադրածին
(62.
ՄԱՍ.
564):
Ներսէս
Ատանա
դարձեր
եւ
եպիսկոպոսական
պատարագ
մը
մատուցեր
էր
նոյեմբեր
6-ին
եւ
պաշտօնագիրներուն
կը
սպասէր
Մարաշ
երթալու
եւ
յանձնաժողովին
մասնակցելու,
երբ
հրամանագիրին
հետ
Մարաշէ
լուր
ալ
կը
հասնի
թէ
յանձնաժողովը
քննութիւնը
աւարտած
եւ
իր
տեղեկագիրը
կազմած
է,
որուն
դէմ
կայսեր
բողոքելու
համար
Զէյթունէն
երկու
գլխաւորներ
եւ
քահանայ
մը
իբրեւ
պատուիրակ
Ատանա
կը
հասնի:
Այդ
պարագային
վրայ
յարմար
կը
դատուի
որ
Ներսէս
եպիսկոպոս
ալ
պատուիրակներուն
ընկերանայ,
եւ
այդ
նպատակով
ճամբայ
կ՚ելլայ
եւ
դեկտեմբեր
9-ին
Կ.
Պոլիս
կը
հասնի
Զէյթունցոց
գործին
մայրաքաղաքին
մէջ
օգնելու
համար
(62.
ՄԱՍ.
566):
Բայց
Կ.
Պոլիս
դառնալէն
ետքը
ոչ
միայն
Զէյթունցոց
դիմումներով
կը
զբաղի,
այլ
եւ
անբաժանելի
ընկեր
եւ
գործակից
կ՚ըլլայ
Մաղաքեան
տեղապահին
վերջին
ճիգերուն,
որոնք
պսակուեցան
սահմանադրութեան
պետական
հաստատութեամբ
(§
2729):
2734.
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ
ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐ
Երուսաղէմի
կացութեան
մասին
ըսած
ենք
արդէն
(§
2727),
թէ
ամենայն
ինչ
առժամեայ
կերպով
կ՚ընթանար,
քանի
որ
Կ.
Պոլսոյ
մէջ
ալ
ակնկալութեանց
շրջանը
կը
տիրէր,
բայց
անակնկալ
պարագայ
մը
Երուսաղէմի
դիրքին
վրայ
ազդեց:
Գերմանիկցի
Մեսրոպ
եպիսկոպոսը,
որ
առ
ի
չգոյէ
միաբան
եպիսկոպոսի
արարողական
եւ
հանդիսական
պէտքերը
կը
լրացնէր,
վախճանեցաւ
1863
մարտ
13-ին
Մեծպահոց
հինգերորդ
չորեքշաբթին,
թէպէտ
որ
առաջ
մարտ
10-ին
Դատաւորի
կիրակէին
մեծ
հանդէսին
թափօրապետ
էր
եղած
(63.
ՅԿԲ.
34-35):
Արդէն
տարիէ
ի
վեր
Մեսրոպ
տկարացած
էր
եւ
եպիսկոպոսական
ձեռնադրութեան
պէտքը
անհրաժեշտ
էր
դարձած,
իսկ
այս
կարգին
առաջին
ընտրելին
Կ.
Պոլսոյ
փոխանորդ
Իսահակ
վարդապետն
էր,
զոր
միաբանութիւնը
միշտ
իբրեւ
պատրիարքցու
ներկայացուցած
էր,
բայց
Կ.
Պոլիսէ
հեռացնելն
ալ
օգտակար
չէր,
ուստի
վանքին
մէջ
գտնուողներէն
ալ
պէտք
էր
ընտրելիներ
յառաջ
ածել:
Բայց
այդ
երկրորդ
կէտը
չհոգացած
հարկ
տեսնուեցաւ
Իսահակի
ձեռնադրութիւնը
փութացնել,
ինչպէս
որ
իրեն
ալ
հաղորդուած
էր:
Մարտ
15-ին
Սիմէօն
վարդապետ`
Սէֆէրեան
անոր
բացակայութեան
փոխանակելու
ընտրուեցաւ
(63.
ՅԿԲ.
39),
եւ
մարտ
20
թուականով
ընծայական
գիրերը
պատրաստուեցան
թէ
կաթողիկոսին
եւ
թէ
տեղապահին
հասցէին
(ԵՂՄ.
169-174),
եւ
նոյն
օր
Սիմէօն
ուղեւորուեցաւ
(63.
ՅԿԲ.
42),
եւ
Կ.
Պոլսոյ
աթոռին
ապրիլ
9
թուակիր
յանձնարարականներն
ալ
ստանալով
(ԵՂՄ.
172-173),
ապրիլ
13-ին
Իսահակ
Կ.
Պոլիսէ
մեկնեցաւ
(63.
ՄԱՍ.
583),
եւ
Մատթէոս
կաթողիկոսէ
ձեռնադրութիւն
ստանալով
յուլիս
17-ին
Կ.
Պոլիս
դարձաւ
(63.
ՄԱՍ.
397):
Վանական
պէտքերու
համար
ալ
գոնէ
երկու
եպիսկոպոս
պէտք
էր,
որոնց
մին
արդէն
պաշտօնովը
կ՚ընծայուէր,
Մարսուանցի
Կարապետ
Ներսէսեան
վարդապետը,
որ
Ս.
Մինասի
գանձատան
երկու
տարի
փակ
եւ
զարդերուն
անտեսանելի
եւ
անխնամ
մնալուն
վրայ,
վերջապէս
1862
դետեմբեր
17-ին
աւագ
տօներէն
օր
առաջ
լուսարարապետ
ընտրուած
էր
(62.
ՅԿԲ.
321):
Երրորդի
մը
համար
ընտրութիւնը
դժուար
չեղաւ,
զի
Յակոբ
վարդապետ
Յովհաննէսեան
Տիարպէքիրցի
միշտ
գործունեայ
դեր
վարած
եւ
արդիւնաւոր
եղած
էր
միաբանական
պայքարի
ընթացքին:
Միաբանութիւնը
անհակառակ
համաձայնեցաւ
այդ
երկու
անուններուն
վրայ,
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքարանն
ալ
հաւանութիւնը
տուաւ,
ինչպէս
Սիմէոն
վարդապետէ
լուր
հասաւ
մայիս
19-ին
(63.
ՅԿԲ.
93),
եւ
մայիս
27-ին
ընծայական
եւ
յանձնարարական
գիրերը
պատրաստուեցան
(63.
ՅԿԲ.
99),
եւ
միւս
օր
28-ին
ընծայեալները
հանդիսապէս
ուղեւորեցան
ցամաքի
ճամբով
Էջմիածին
երթալու
(63.
ՅԿԲ.
100):
Մայիս
31-ին
Յոպպէէ
կը
նաւեն
եւ
յունիս
8-ին
Իսկէնտէրունէ
ճամբայ
կ՚ելլեն
եւ
11-ին
կը
հասնին
Բերիա,
ուսկից
կը
մեկնին
18-ին
եւ
23-ին
կը
մտնեն
Եդեսիա,
եւ
յուլիս
1-ին
Տիարպէքիր:
Անտի
ալ
կը
մեկնին
8-ին
եւ
18-ին
կը
հասնին
Գլակայ
Ս.
Կարապետի
վանքը,
ուսկից
կը
մեկնին
յաջորդ
օրը
14-ին,
եւ
18-ին
կը
մտնեն
Կարին
եւ
կը
հիւրընկալուին
Վեհապետեանէ
(§
2652),
որ
երեք
տարի
առաջ
1860
յունիս
2-ին
եպիսկոպոսական
ձեռնադրութիւն
առած
էր
Մատթէոս
կաթողիկոսէ:
Յուլիս
22-ին
Կարինէ
կը
մեկնին
եւ
Բասենի
եւ
Կարսի
եւ
Աղեքսանդրապոլի
ճամբով,
եւ
Օշականի
ու
Մուղնու
վրայէն
կ՚իջնան
Արարատի
դաշտը,
եւ
վերջապէս
օգոստոս
9-ին
կը
մտնեն
Էջմիածին
74
օրեայ
ճամբորդութեամբ:
Օգոստոս
12-ին
ծայրագունութիւն
կ՚ընդունին
սուրբ
կաթողիկէին
փակակալ
Եղիազար
արքեպիսկոպոսէ,
13-ին
երդման
արարողութիւնը
կը
կատարուի,
եւ
15-ին
Աստուածածնայ
պահոց
հինգշաբթի
օրը
եպիսկոպոսական
ձեռնադրութիւն
կ՚ընդունին
Մատթէոս
կաթողիկոսէ,
17-ին
Շողակաթի
օրը
միւռոնի
օրհնութեան
կը
մասնակցին,
եւ
21-ին
կը
մեկնին
Էջմիածինէ
դառնալ
Երուսաղէմ
միեւնոյն
ցամաքի
ճամբով,
ուր
հազիւ
դեկտեմբեր
26-ին
կը
հասնին
128
օր
ետքը,
զի
ճամբան
առաջ
Կարապետ
եւ
յետոյ
Յակոբ
կը
հիւանդանան,
եւ
Իսկէնտէրունէ
Յոպպէ
նաւած
ատեննին
ալեկոծութեան
պատճառով
Աղեքսանդրիա
կ՚իյնան:
Նոր
ձեռնադրուած
եպիսկոպոսները
կը
կատարեն
Ս.
Գլխադիրի
տօնը
դեկտեմբեր
28-ին
շաբաթ
օր,
Կարապետ
քարոզելով
եւ
Յակոբ
պատարագելով
(63.
ՅԿԲ.
192-196),
եւ
միաբանութիւնը
կարծես
թէ
կ՚ոգեւորուի,
վասնզի
երեք
միաբան
եպիսկոպոսներ
ունենալը
յաւել
ի
միաբանութիւն
նորագոյն
եռանդն
եւ
խնդութիւն
եւ
մխիթարութիւն,
որով
համարէին
ապահովացեալ
զիրաւունս
սրբոյ
աթոռոյն
ընտրելոյ
պատրիարք
ի
միաբանութենէ
(ՍԱՒ.
1380):
Մինչեւ
որ
Երուսաղէմի
աթոռը
քիչուշատ
ապահովուած
կացութիւն
ստանար,
արդէն
Կ.
Պոլսոյ
մէջ
սահմանադրական
վարչութենէ
հաստատուած
եւ
նոր
պատրիարք
ալ
ընտրուած
էր:
2735.
ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ
ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Սահմանադրութիւնը
իրականացնելու
պաշտօնով
ընտրուած
տասներկու
գործադիր
եւ
վարիչ
մարմինը
(§
2729),
անմիջապէս
գործի
ձեռնարկեց
Ստեփան
Ասլանեան
բժշկապետի
ատենապետութեամբ,
եւ
թէպէտ
կարեւորագոյն
գործը
պատրիարքի
ընտրութիւնն
էր,
բայց
պէտք
էր
նախապէս
վարչական
ժողովներ,
Ընդհանուր
ժողով,
եւ
թաղական
խորհուրդներ
կազմուէին,
եւ
ընտրողներ
որոշուէին.
ուստի
նախ
եւ
առաջ
թաղական
եւ
երեսփոխանական
ընտրողներ
զատուեցան
25
եւ
75
դահեկան
տարեկան
տուրք
վճարելու
սկզբունքով:
Սահմանադրութեան
նախնական
կազմութեան
երրորդ
տարեդարձն
ալ
որ
մայիս
24-ին
կ՚իյնար,
կիրակի
26-ին
աւելի
շքեղ
կերպով
տօնուեցաւ,
Հիւնքեարիսկէլէսի
զբօսավայրը,
որ
օր
իտալական
թագաւորութեան
սահմանադրութեան
տարեկան
հանդէսն
ալ
կը
կատարուէր
նոր
տոմարով
յունիսի
առաջին
կիրակի
օրը,
նոյն
զբօսավայրին
մէջ:
Եկեղեցական
արարողութեանց
հանդիսադիրը
Ներսէս
եպիսկոպոսն
էր
Պէյքօզի
Ս.
Նիկողայոս
եկեղեցւոյն
մէջ,
եւ
երկու
տօնական
խումբերու
փոխադարձ
այցելութիւններն
ու
շնորհաւորութիւնները
հանդէսին
փայլը
աւելցուցին
(63.
ՄԱՍ.
590),
որ
արդէն
նոր
ոգեւորութիւն
ստացած
էր
պետական
հաստատութեան
հետեւանօք:
Թաղական
խորհուրդներու
ընտրութիւնը
հրամայուեցաւ
յունիսի
վերջերը
(63.
ՄԱՍ.
593),
եւ
մայրաքաղաքի
80
երեսփոխանները
բաշխուեցան,
Գումքարու
13,
Սամաթիա
10,
Բերա
10,
ութը
թաղեր
4-6,
եւ
մնացած
11
թաղեր
1-2
(63.
ՄԱՍ.
599):
Եկեղեցական
20
երեսփոխաններ
ընտրուեցան
օգոստոս
10-ին,
եւ
քուէ
ստացան
4
եպիսկոպոսներ,
Սարգիս,
Իսահակ,
Ներսէս
եւ
Յովհաննէս,
4
վարդապետներ
եւ
12
քահանաներ
(63.
ՄԱՍ.
601):
Իսկ
մայրաքաղաքի
80
երեսփոխաններու
ընտրութիւնները
լրացան
սեպտեմբերի
սկիզբները
(63.
ՄԱՍ.
605),
եւ
սեպտեմբեր
20-ին
առաջին
նիստը
տեղի
ունեցաւ
81
երեսփոխանաց
ներկայութեամբ,
որուն
մէջ
Սերովբէ
Վիչէնեան
ատենապետ
եւ
Գրիգոր
Օտեան
ատենադպիր
ընտրուեցան
(63.
ՄԱՍ.
606):
Վարչական
ժողովներու
քուէարկութիւններն
ալ
սկսան,
բայց
յաջորդ
երեքշաբթի
լրացան
23-ին,
եւ
կրօնականին
մէջ
առաւելագոյն
քուէ
ստացողը
Ներսէսն
էր,
իսկ
ամբողջութիւնը
կը
պարունակէր
2
եպիսկոպոս,
3
վարդապետ
եւ
9
քահանայ.
իսկ
քաղաքականի
20
անդամներ,
ինչպէս
նաեւ
աշխարհական
երեսփոխանները,
գրեթէ
ամբողջութեամբ,
դիրքով
եւ
զարգացմամբ
եւ
պաշտօնով
եւ
գործունէութեամբ
ծանօթ
անձերն
էին:
Սեպտեմբեր
30-ին
կրօնական
ժողովը
կազմուեցաւ
եւ
Ներսէս
եպիսկոպոս
ատենապետ
ընտրուեցաւ,
իսկ
երկրորդ
ատենապետը
եւ
երկու
ատենադպիրները
քահանաներէ
առնուեցան
(63.
ՄԱՍ.
608):
Հոկտեմբեր
5-ին
համագումարը
պատրիարքական
ընտրելեաց
ցանկը
պատրաստեց,
որուն
առաջին
եօթները
քուէից
կարգով
եղած
էին
Իգնատիոս
Վանայ
26,
Պօղոս
Զմիւռնիոյ
24,
Սարգիս
նախորդ
պատրիարք
20,
Թադէոս
Ռոտոսթոյի
20,
Արիստակէս
Ադրիանուպոլսոյ
12,
Մկրտիչ
Գաղատիոյ
12,
Ստեփանոս
տեղապահ
11:
Իսկ
քաղաքականը,
որուն
ատենապետ
ընտրուեցաւ
Ստեփան
Ասլանեան,
հնգանուն
ցանկը
կազմեց
քիչ
մը
փոփոխելով:
1.
Պօղոս
Զմիւռնիոյ,
2.
Իգնատիոս
Վանայ,
3.
Գէորգ
նախկին
պատրիարք,
4.
Ստեփանոս
տեղապահ,
5.
Մկրտիչ
Գաղատիոյ
(63.
ՄԱՍ.
609):
Վերջապէս
Ընդհանուր
ժողովը
գումարուեցաւ
շաբաթ
օր,
հոկտեմբեր
12-ին,
եւ
80
ներկաներէն
40
քուէ
ստացաւ
Պօղոս
եւ
24
Իգնատիոս,
եւ
հարկ
եղաւ
համեմատական
քուէարկութեան
դիմել,
որ
լրացաւ
երեքշաբթի
հոկտեմբեր
15-ին,
եւ
90
քուէարկուներու
58
քուէով
պատրիարք
հռչակուեցաւ
Զմիւռնիոյ
առաջնորդ
Պօղոս
եպիսկոպոս
Թաքթաքեան:
Այսպէս
ազգին
կամ
պատրիարքարանին
սահմանադրական
կազմութիւնը
լրացած
ըլլալով,
իւրաքանչիւր
մարմին
ձեռնարկեց
իրեն
ինկած
մանրամասնութիւնները
կարգադրել,
եւ
սահմանադրական
օրէնքին
պահանջած
օժանդակ
մարմիններէն
զատ,
բացառիկ
յանձնաժողովներ
ալ
կազմել
առձեռն
կանոնագիրներու,
գաւառական
գործադրութիւններու
եւ
ուրիշ
նմանօրինակ
առժամեայ
գործողութեանց
հսկելու
եւ
փութացնելու
համար
(63.
ՄԱՍ.
610):
2736.
ՄԱՂԱՔԵԱՆ
ԵՒ
ԹԱՔԹԱՔԵԱՆ
Պաշտօնական
գործողութիւնները
իրենց
չորուցամաք
ձեւակերպութեանց
մէջ
ալ
հոգեբանական
նշանակութիւններ
կը
պարունակեն,
ուստի
կատարուած
պատրիարքական
ընտրութեան
մասին
անդրադառնալնիս
աւելորդ
պէտք
չէ
սեպուի:
Ստեփանոս
Մաղաքեան
եպիսկոպոս,
որ
այնչափ
մեծ
վստահութեամբ
եւ
ամենադժուարին
պարագայից
մէջ
պաշտօնի
կոչուեցաւ,
եւ
աւելի
քան
պարզ
տեղապահ
մը,
առժամեայ
պատրիարք
մը
ըլլալու
սահմանուեցաւ,
եւ
1861
հոկտեմբեր
21-էն
մինչեւ
1863
հոկտեմբեր
15
լման
երկու
տարիներ
ազգին
ղեկը
վարեց
ալեկոծեալ
կացութեան
մէջ,
եւ
առանց
իրեն
վրայ
անձնական
գանգատ
հրաւիրելու
իրմէ
սպասուած
գործը
յաջողութեամբ
լրացուց,
եւ
հաստատուած
սահմանադրութիւնը
ազգին
ընծայեց,
աւելի
մեծ
վկայութիւն
մը
կրնար
սպասել
ազգին
կողմէն,
քան
թէ
համագումարի
եօթնանունին
վերջինը,
եւ
քաղաքականի
հնգանունին
վերջընթերը,
եւ
Ընդհանուրի
քուէարկութեան
մէջ
մէկ
քուէ
մը
միայն
ստացած
ըլլալը
(63.
ՄԱՍ.
610):
Բայց
այդ
երեւոյթը
պէտք
չէ
իբր
նախատական
նկատել
Մաղաքեանի
անձին:
Բնութեամբ
հեզահամբոյր
եւ
հանդարտ,
համակերպող
եւ
երկայնամիտ,
յարմարագոյն
ընտրելին
էր
երբոր
դժուարին
ժամանակներու
մէջ
այդ
ձիրքերն
էին
որ
վարիչին
վրայ
կը
պահանջուէին.
բայց
տարբեր
անձ
կը
փնտռուէր
երբոր
ամէն
դժուարութիւն
հարթուելով
եւ
կացութիւնը
հանդարտելով
ժիր
եւ
աշխոյժ,
նախաձեռնարկ
եւ
հաստատամիտ
անձ
մը
պէտք
էր
գործերուն
գլուխը:
Ինքն
Մաղաքեան
ալ
իր
բնոյթին
եւ
իր
կարողութեան
գիտակ`
առջի
օրէն
ամէն
կողմ
դիմած
էր,
որ
զինք
ազատ
թողուն,
եւ
ժողովներու
մէջ
ալ
պաշտօնապէս
կրկնած
էր,
եւ
Ընդհանուր
ժողովի
մէջ
համարձակ
խոստովանութիւններ
ըրած
էր
այդ
մասին,
եւ
կերպով
մը
իր
բաղձանաց
համաձայնելու
ձեւեր
էին
եղած
քուէարկութիւնները:
Միւս
կողմէն
Սերվիչէն
ատենապետ
պատրիարքական
ընտրութենէն
առաջ
լիաբերան
դրուատիք
խօսած
էր
Մաղաքեանի
երկամեայ
պաշտօնավարութեան
մասին,
եւ
ազգովին
երախտագիտութիւն
յայտնած
անոր
բարեբաստիկ
յաջողութեան
համար:
Իսկ
Թաքթաքեան
Պօղոս
եպիսկոպոս
որ
պատրիարքութեան
կը
բարձրանար,
թէպէտ
արդէն
64
տարեկան,
բայց
ժիր
էր
կատարելապէս
կամքի
եւ
գործի
տէր:
Մաղաքեան
եւ
Թաքթաքեան
սրտագին
կապուած
էին
իրարու
իբրեւ
Արմաշու
Գործակից
միաբաններ,
եւ
Թաքթաքեան
ամէնուն
ծանօթ
էր
իբր
Արմաշու
վանքին
եւ
Նիկոմիդիոյ
վիճակին
վրայ
Գարագօչեանի
եւ
Աղաւնիի
փոխանորդ,
եւ
իբր
Աղաւնիի
խորհրդական
պատրիարքարանի
մէջ,
եւ
յամենայնի
ցուցած
գործոց
հմտութեամբը
եւ
արդիւնաւոր
գործունէութեամբը:
Զմիւռնիոյ
վիճակին
մէջ
ալ
յայտնած
էր
գնահատելի
պաշտօնավարութեամբ,
յառաջդիմական
եւ
ուսումնական
զգացումներովը,
եւ
գործերու
մէջ
ճարտար
եւ
յաջողակ
կարողութեամբը,
ուստի
յարմարագոյն
անձը
նկատուեցաւ
նորահաստատ
սահմանադրական
կարգերը
իրականացնելու
եւ
ապահովելու:
Աւելցնենք
նաեւ
որ
ինքն
երեք
տարիներէ
ի
վեր
մայրաքաղաքէն
հեռու
ըլլալուն,
մղուած
պայքարներէ
անմասն
էր,
կուսակցութիւններէ
ազատ,
եւ
նախապաշարեալ
եւ
կանխադիտեալ
գաղափարներէ
զերծ,
որով
կրնար
աւելի
դիւրութեամբ
զանազան
կարծիքները
միաբանել,
տարբեր
տեսութիւնները
մօտեցնել
եւ
անձնականութիւններէ
ազատ
եւ
անկախ
կերպով
լոկ
օրինաւորութեանց
հետեւող
ըլլալ:
Թաքթաքեանի
ընտրութիւնը
շուտով
կայսերական
հաստատութիւնը
ստացաւ,
եւ
հրաւիրակներ
Ներսէս
եպիսկոպոսի
գլխաւորութեամբ
հոկտեմբեր
30-ին
Զմիւռնիա
մեկնեցան,
արքունական
շոգենաւ
մըն
ալ
պատրիարք
բերելու
տրամադրուեցաւ,
Զմիւռնիոյ
մէջ
պետական
եւ
ազգային
պատիւներ
շռայլուեցան
նորընտիրին,
որ
նոյեմբեր
5-ին
երեքշաբթի
առտու
Եէնիքաբու
ցամաք
ելաւ,
Իսահակ
եպիսկոպոսի
գլխաւորութեամբ
եկող
պատգամաւորութենէ
ընդունուեցաւ,
7-ին
հինգշաբթի
օր
Ընդհանուր
ժողով
գումարուեցաւ,
տեղապահը
ատենաբանեց,
պատրիարքն
ուխտը
կատարեց,
օրհնութեան
եւ
բացատրութեան
խօսքեր
ըրաւ,
եւ
շնորհաւորութեանց
ճառեր
լսեց
(63.
ՄԱՍ.
613):
Իսկ
14-ին
դարձեալ
հինգշաբթի
օր
կայսերական
ընդունելութեամբ
պատուուեցաւ,
բարձրագոյն
դուռն
ալ
այցելեց,
եւ
մայրեկեղեցւոյ
մէջ
կրկին
օրհնութիւններ
խօսեցաւ,
եւ
հանդիսական
եւ
արարողական
պայմանները
փակելով,
սկսաւ
ժողովոց
նախագահել
եւ
ազգային
գործերու
տիրանալ:
2737.
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ
ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ
Պատրիարքարանի
վարչութեան
կանոնաւոր
վիճակ
առնելէն
ետքը,
դիւրին
է
իմանալ
թէ
ինչ
ընթացք
ունեցան
ազգային
գործերը,
եւ
որովհետեւ
այլեւս
միջադէպներ
եւ
փոփոխութիւններ
կ՚անհետանան
կամ
կը
նուազին,
պատմագիրին
մտադրութիւնը
եւ
ընթերցողներուն
հետաքրքրութիւնը
շարժող
պարագաներ
ալ
կը
պակսին:
Ինչ
որ
իբր
նկատելի
կէտ
մը
պիտի
յիշենք,
սահմանադրական
բուռն
եռանդին
յանկարծ
պարզիլն
է,
որով
Ընդհանուր
ժողովոյ
գումարումներ
յաճախ
անհնարին
կը
դառնային
ներկայից
թիւին
պակասութեանը
պատճառով,
եւ
ժողովներ
եւ
խորհուրդներ
չէին
կրնար
օրինաւորապէս
գործել
շարունակեալ
եւ
յաճախեալ
հրաժարականներու
երեսէն:
Այդ
դժուարութեան
հանդիպեցաւ
Երուսաղէմի
պատրիարքական
ընտրութիւնն
ալ,
որուն
Թաքթաքեան
շուտով
ձեռք
զարկաւ,
զի
իբրեւ
փորձառու
վանական
լաւ
կը
զգար
Երուսաղէմի
ընտրութեան
անհրաժեշտութիւնը:
Այդ
նպատակին
համար
յատուկ
Ընդհանուր
ժողով
հրաւիրեց
1863
դեկտեմբեր
6-ին,
որ
է
ըսել
գործի
ձեռնարկելէն
միայն
22
օր
ետքը
(63.
ՄԱՍ.
617),
ուր
ներկաներէն
42
երեսփոխաններ
միայն
վարչութեան
առաջարկութիւններուն
հաւանեցան,
սակայն
օրինական
որոշում
չկրցան
կայացնել:
Յաջորդ
գումարումներն
ալ
ապարդիւն
մնալուն,
պատրիարքը
իր
տեսակին
մէջ
նոր
ձեւ
մը
մտածեց,
այն
է
մասնաւոր
նամակներով
հաւանութիւններ
հաւաքել
վարչական
առաջարկութեանց
վրայ,
եւ
այսպէս
լրացնել
օրինական
թիւը,
ինչ
որ
յաջողեցաւ
կատարել,
եւ
1864
յունուար
21-ին
պաշտօնական
ծանուցումով
հրատարակեց:
Որոշուած
կէտերն
էին,
ընտրութիւնը
կանխել
եւ
յետոյ
կանոնագիրին
աշխատիլ:
Վեղարաւորներէն
զատ
սարկաւագներն
ալ
ձայնի
տէր
ճանչնալ,
ձեւակերպեալ
միաբանական
ժողովով
նորէն
տեղապահի
ընտրութիւն
կատարել
(64.
ՄԱՍ
625):
Այս
հիմանց
վրայ
գործի
ձեռնարկուեցաւ,
եւ
փոխանորդ
Իսահակ
եպիսկոպոսի
ձեռքով
փետրուար
26-ին
հրահանգ
յղուեցաւ
Երուսաղէմ
(64.
ՄԱՍ.
629),
ուր
ապրիլ
9-ին
միաբանական
ժողովը
կազմուեցաւ,
10-ին
տեղապահութեան
համար
կանոններ
գրուեցան,
որ
առանց
Տնօրէն
ժողովոյ
կեդրոնին
հետ
չթղթակցի,
եւ
յատուկ
օգնական
ու
յատուկ
քարտուղար
ունենայ,
որ
թղթակցութեանց
եւ
հաշուոց
տոմարներ
պահէ,
եւ
11-ին
տեղապահի
ընտրութիւն
կատարուեցաւ
յանձին
Յակոբ
եպիսկոպոսի
(ՍԱՒ.
1383):
Արդիւնքը
վարչութեան
հաղորդուեցաւ,
որ
փութաց
եղած
ընտրութիւնը
մերժել
խծբծեալ
պատճառներով,
բայց
իսկապէս
Յակոբի
անձին
դէմ
կազմուած
հին
հակակրութեամբ
(§
2715),
եւ
նոր
ընտրութիւն
հրամայուեցաւ:
Հեռագրական
հաղորդակցութիւնք
գործը
շտապցուցին,
այնպէս
որ
ապրիլ
23-ին
կրցաւ
նոր
միաբանական
ժողով
գումարուիլ
33
միաբաններու
ներկայութեամբ
ուր
առաջին
քուէարկութեան
Յակոբ
եպիսկոպոս
10
եւ
Վրթանէս
7
քուէ,
իսկ
երկրորդին
Վրթանես
17
եւ
Յակոբ
14
քուէ
ստացան
(ՍԱՒ.
1384),
հարկաւ
միաբանները
կեդրոնին
ուղղութիւնը
տեսնելով
չուզեցին
պնդելով
գործը
յապաղել,
եւ
ապրիլ
30-ին
տեղեկագիրը
յղեցին:
Վրթանեսի
տեղապահութիւնը
կեդրոնէն
հաստատուեցաւ,
եւ
պատրիարքի
ընտրութեան
հրահանգն
ալ
հասաւ
յունիս
21-ին
(64.
ՅԿԲ.
30):
Երուսաղէմի
մէջ
նախապատրաստական
գումարումներ
տեղի
ունեցան
յունիս
27-ին,
ընտրող
ճանչցուեցան
35
ներկայք,
2
եպիսկոպոս
Կարապետ
եւ
Յակոբ,
25
վարդապետ
եւ
8
սարկաւագ.
իսկ
ընտրելի
ճանչցուեցան
26
վեղարաւորներ
35
տարին
լրացուցած
եւ
իրաւունքէ
չզրկուած,
որոնցմէ
2-ը
եպիսկոպոս,
Իսահակ
եւ
Յակոբ,
զի
Կարապետ
ցկեանս
լուսարարապետ
ըլլալուն
ընկալեալ
սովորութեան
համեմատ
պատրիարքութեան
ընտրելի
չէր
նկատուեր:
Քուէարկութիւնը
կատարուեցաւ
յունիս
29-ին,
Լուսաւորչի
պահոց
երկուշաբթի
օրը
եւ
եօթնանուն
ցանկին
մէջ
մտան
Իսահակ
եպիսկոպոս
Աստուածատուրեան
31
քուէով,
Յակոբ
եպիսկոպոս
Յովհաննէսեան
16,
Սիմէոն
վարդապետ
Սէֆէրեան
15,
Յովհաննէս
վարդապետ
Մարգարեան
12,
Եսայի
վարդապետ
Կարապետեան
11,
Ներսէս
վարդապետ
Գէորգեան
11,
եւ
Խորէն
վարդապետ
Մխիթարեան
11:
Մնացեալներէն
մէկ
մը
8,
երկուք
7,
երկուք
5.
երեք
4,
մէկ
3,
երեք
2,
չորս
1
քուէ
առած
էին
եւ
3
բնաւ
առած
չէին
(ԵՂՄ.
175-189):
Ըստ
այսմ
յուլիս
2-ին
տեղեկագիրը
պատրաստուեցաւ
եւ
ստորագրուած
ցուցակներով
Կ.
Պոլիս
յղուեցաւ:
Վարչութեան
խառն
ժողովը
յուլիս
30-ին
եօթնանունին
վրայէն
եռանուն
ցանկը
կազմեց
Սիմէոն
եւ
Եսայի
եւ
Ներսէս
վարդապետներու
անուններով
(64.
ՄԱՍ.
651),
օգոստոս
7-ին
Ընդհանուր
ժողովը
ապարդիւն
անցաւ
(64.
ՄԱՍ.
652),
եւ
վերջապէս
օգոստոս
14-ին
Աստուածածնայ
պահոց
ուրբաթ
օրը
ընտրութիւնը
լրացաւ,
եւ
80
ներկայ
երեսփոխաններէն
48
քուէ
ստացաւ
Եսայի
վարդապետ,
30
Իսահակ
եպիսկոպոս,
եւ
1
Յակոբ
եպիսկոպոս
եւ
Սիմէոն
վարդապետ,
որով
Եսայի
վարդապետ
Կարապետեան
պատրիարք
հռչակուեցաւ
(64.
ՄԱՍ.
653),
նախորդ
պատրիարք
Յովհաննէսի
մահուանէն
3
տարի
եւ
իբր
8
ամիս
անցնելէն
եւ
փոթորկալից
անցուդարձերէն
ետքը:
Լուրը
ստացուեցաւ
Երուսաղէմ
երեք
օր
ետքը
օգոստոս
17-ին
Աստուածածնայ
մեռելոցի
օրը
հեռագրական
միջոցով
(ՍԱՒ.
1385):
2738.
ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ
ՀՈԳԻՆ
Այդ
ընտրութիւնը
թէ
նախընթացաբար
տեղի
ունեցած
խնդիրներով
եւ
թէ
կատարման
պարագաներով
կարեւոր
տեսութեանց
առիթ
կ՚ընծայէ,
զորս
դարձեալ
անկաշկանդ
կերպով
պիտի
ներկայենք
ի
յագուրդ
անոնց,
որ
պատմութեանց
մէջ
չոր
եղելութիւններէն
աւելի
անոնց
հոգեբանութեամբը
կը
շահագրգուին:
Ընտրեալը
վերջապէս
միաբաններէն
առնուեցաւ,
դուրսէնական
դրութեան
լուսաւորեալ
պաշտպաններ
տեղի
տալ
ստիպուեցան,
եւ
ներսէնական
դրութեան
պաշտպան
միաբանութիւնը
եւ
իր
համախոհները
դատերնին
շահած
եղան:
Այդ
կէտին
մէջ
շատ
աւելի
վեհանձն
երեւցած
պիտի
ըլլար
լուսաւորեալ
խումբը,
եթէ
վերջին
վայրկեանին
չզիջանէր
փոքրոգի
վրէժխնդրութեամբ
միաբանութեան
բաղձանքին
եւ
կամքին
հակառակ
ընտրութիւն
կատարել:
Ընտրելեաց
ցուցակը
որուն
մէջ
35
քուէարկուներէն
31
քուէով
Իսահակ
իբր
ընդհանուր
փափաքուած
ընտրելի
կը
ցուցուէր,
պէտք
էր
իր
ծանրակշռութիւնը
ունենար
եւ
յարգուէր,
եւ
ոչ
թէ
եօթնանուն
ցանկին,
վերջինները,
որ
եւ
ոչ
մէկ
երրորդ
քուէն
ստացած
էին,
ամբողջական
քուէ
ստացողին
նախադասուէին:
Մանաւանդ
որ
նախընթաց
վէճերուն
մէջ
բարձրաբարբառ
կը
քարոզուէր
եւ
կը
պահանջուէր
որ
ընտրելին
արդէն
եպիսկոպոս
պէտք
է
եղած
ըլլայ,
եւ
միաբան
եպիսկոպոս
չգտնուելուն
համար
դուրսէն
եպիսկոպոսը
անհրաժեշտ
կը
ցուցուէր,
իսկ
այս
անգամ
միաբան
եպիսկոպոսները
կը
յետաձգուէին
եւ
նորահաս
վարդապետներ
առջեւ
կ՚անցնէին:
Եւ
ոչ
ալ
հնար
էր
Իսահակի
վրայ
որ
եւ
է
պակասութեան
կամ
ապիկարութեան
կամ
անբաւականութեան
խծբծանք
դնել,
զի
կեդրոնին
մէջ
ալ
իր
գործունէութեամբը
յարգուած
էր,
ժողովական
ընտրուած
էր,
եւ
սահմանադրութեան
հաստատութեան
համար
թափուած
աշխատութիւններուն
մէջ
իր
յատուկ
տեղը
ունեցած
եւ
իր
արդիւնաւոր
դերը
վարած
էր
ընդհանուր
վկայութեամբ:
Միայն
թէ
որովհետեւ
զօրաւոր
գործիչ
մը
եղած
էր
դուրսէնական
դրութեան
դէմ,
իր
միաբանութեան
իրաւանց
ամուր
պաշտպան
եղած
էր,
եւ
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքարանին
եւ
վարչութեան
արգիլած
էր
Երուսաղէմի
հասոյթներուն
տիրանալ
եւ
գործերուն
տիրապետել,
եւ
որովհետեւ
վերջապէս
նա
էր
որ
կը
յաղթանակէր,
լուսաւորեալ
խումբը
իրեն
կարելի
վրէժխնդրութիւնը
կը
լուծէր
զայն
ընտրութենէ
զրկելով:
Սակայն
ամբողջ
Ընդհանուր
ժողովը
այս
միտքէն
չէ
եղած,
զի
Իսահակի
անունը
եռանուն
ցանկին
մտած
չըլլալով
ալ
30
քուէ
ստացաւ
անկախ
երեսփոխաններէ,
եւ
եռանունէ
դուրս
Յակոբի
տրուած
քուէն
ալ
հաշուելով,
միայն
10
քուէ
ետին
մնացած
կ՚ըսուի
Իսահակի
ընտրութիւնը,
հակառակ
քաղաքական
ժողովին
եւ
իր
խումբին
ճիգերուն:
Միւս
կողմէն
երեսփոխանութիւնը,
գոնէ
արժանեօք
եւ
արգասեօք
ծանօթ
մէկ
մը
դիմադրած
ըլլար
իրեն
անհամակիր
եղող
անձին
դէմ:
Եսայի
վարդապետ
բնիկ
Թալասցի
1825-ին
ծնած
(ՍԱՒ.
1390),
եւ
հետեւաբար
տակաւին
39
տարեկան,
թէպէտ
այլուր
41
ամաց
նշանակուած
է
(ԵՂՄ.
183),
մինչեւ
20
տարեկան
ըլլալը
հիւսնութեան
պարապած
էր
եւ
վանքին
մէջ
ալ
ուսումնական
ընթացք
չէր
կատարած,
վարչական
պաշտօնի
վրայ
չէր
եղած,
բոլոր
իր
մտադրութիւնն
ու
ջանքը
ձեռագործ
արհեստներու
դարձուցած
էր
(ՍԱՒ.
1396),
քանի
մը
տարի
Կ.
Պոլիս,
մէկերկու
ամիս
ալ
Եւրոպա
շրջած
էր
պարզապէս
լուսանկարչութեան
արհեստը
ձեռք
ձգելու
նպատակով,
եւ
այդ
պարագաներուն
մէջ
ալ
եւ
ոչ
իսկ
օտար
լեզուի
մը
հմտացած
էր,
եւ
ուրիշ
առաւելութիւն
չէր
ներկայեր,
բայց
եթէ
Կեսարացի
ծագումը,
փառաւոր
կերպարանը,
եւ
Եւրոպայի
քովէն
անցած
ըլլալը:
Արդէն
իր
պաշտօնավարութիւնն
ալ
պիտի
տեսնանք
որ
աթոռին
եւ
վանքին
խոհական
եւ
կշռադատեալ
արդիւնք
մը
չարտադրեց:
Միաբանութիւնը
միշտ
կասկածով
կը
նայէր
դուրսիններուն
եւ
դուրսէնականներուն,
թէ
աւելի
քան
Երուսաղէմի
աթոռին
եւ
միաբանութեան
եւ
սուրբ
տեղեաց
օգտին
հետեւելու,
Երուսաղէմէ
օգտուելու
նպատակին
կը
ծառայեն,
եւ
այս
վերջին
ընտրութիւնը
լիովին
արդարացուց
միաբանութեան
կասկածը,
զի
կեդրոնը
չուզեց
ունենալ
զօրաւոր
եւ
կարող
մէկ
մը,
այլ
այնպիսի
մէկ
մը,
որուն
վրայ
կարենայ
դիւրաւ
ազդեցութիւն,
եւ
եթէ
հարկ
տեսնայ
ճնշում
ալ
գործածել:
Այդ
տեսութիւններ
միաբանութեան
անծանօթ
չէին,
այսուհանդերձ
անհակառակ
ընդունուեցաւ
կատարուած
ընտրութիւնը,
զի
մեծ
խնդիրին
կարեւոր
կէտեր
ապահովուած
էր,
միաբան
մըն
էր
ընտրուածը,
ո'վ
ալ
ըլլար,
եւ
հնար
էր
անոր
ուղղութեան
եւ
գործունէութեան
վրայ
պէտք
եղած
զգուշաւորութիւնն
ու
հսկողութիւնը
գործածել
կանոնական
միջոցներով:
2739.
ԵՍԱՅԻ
ՊԱՏՐԻԱՐՔ
Կ.
Պոլսոյ
վարչութիւնը
նորընտիր
Եսայի
վարդապետը
Կ.
Պոլիս
առաջնորդելու
համար
հրաւիրակներ
նշանակեց,
պատրիարքի
գաւազանակիր
Ստեփան
վարդապետը
եւ
Սամաթիոյ
Արիստակէս
քահանայն,
որոնք
օգոստոս
26-ին
ուղեւորելով
(64.
ՄԱՍ.
655),
սեպտեմբեր
5-ին
Երուսաղէմ
հասան
(64.
ՅԿԲ.
63),
9-ին
միաբանական
ժողովով
ընծայագիրներ
պատրաստուեցան
նորընտիրին
ձեռնադրութեան
համար
(64.
ՅԿԲ.
66),
որ
10-ին
մեկնեցաւ
Յոպպէ
հրաւիրակներով
եւ
ընկերակիցներով
(64.
ՅԿԲ.
67),
եւ
Կ.
Պոլիս
հասաւ
21-ին,
եւ
26-ին
ալ
մեկնեցաւ
անտի
Էջմիածին
երթալու
Սէֆէրեան
Սիմէոն
վարդապետի
ուղեկցութեամբ
(64.
ՄԱՍ.
659),
ուր
Մատթէոս
կաթողիկոսէ
եպիսկոպոսական
ձեռնադրութիւն
կ՚ընդունի
հոկտեմբեր
10-ին
Թարգմանչաց
շաբաթ
օրը
(64.
ՅԿԲ.
107),
եւ
նոյեմբեր
19-ին
Տփղիս
հանդիպելով
(64.
ՄԱՍ.
669)
Կ.
Պոլիս
կը
վերադառնայ
դեկտեմբեր
3-ին
(64.
ՄԱՍ.
669),
եւ
5-ին
լուր
կ՚առնուի
յԵրուսաղէմ
(64.
ՅԿԲ.
151):
Բայց
Եսայի
չի
փութար
Երուսաղէմ
դառնալ
մտադիր
ըլլալով
ժամանակ
մը
Կ.
Պոլիս
մնալ
եւ
կեդրոնական
վարչութեան
հետ
բանակցիլ
առ
ի
կարգադրել
զգործս
սուրբ
աթոռոյն
Երուսաղէմի
(ՍԱՒ.
1390),
իրեն
աջակից
ունենալով
Իսահակ
եպիսկոպոսը
եւ
Սիմէոն
վարդապետը,
որոնք
աւելի
հմտութիւն
եւ
վարժութիւն
ունէին
Կ.
Պոլսոյ
ազգային
գործերու
մասին:
Կեդրոնական
վարչութիւնն
ալ
կ՚ուզէր
պահ
մը
նոր
պատրիարքը
իր
մօտ
պահել,
գլխաւորապէս
Երուսաղէմի
սնտուկէն
տարեկան
120,
000
դահեկան
գումարին
վճարումը
ապահովելու
համար,
որ
Իւսկիւտարի
ճեմարանին
հիմնարկութենէն
ծագում
առած
էր
(§
2539),
եւ
Կիրակոսի
ընտրութեան
առթիւ
նոր
հաստատութիւն
ստացած
էր
(§
2611),
բայց
ճեմարանի
դադարելովն
ալ
կեդրոնը
գումարին
վճարումը
կը
հետապնդէր,
Հայկազնեան
վարժարանի
պարտքն
ալ
անով
կը
ջանար
կարգադրել
(§
2701),
եւ
իր
ընտրած
անձին
հաճոյակատարութենէն
օգտուիլ
կը
մտադրէր:
Սակայն
այնպիսի
հաստատուն
սկզբունքներ
կան
միաբանութեանց
մէջ,
որ
բնաւորութեանց
եւ
անձնականութեանց
տարբերութեան
ներքեւ
ալ
չեն
փոփոխուիր,
եւ
Եսայի
ալ
չէր
կրնար
այդ
մասին
կեդրոնը
գոհացնել,
եւ
իր
աջակիցներն
ալ
զայն
իր
բերմանց
չէին
թողուր:
Վարչական
ժողովը
մտադրեալ
պահանջին
հետ
նորընտիրին
վրայ
կը
ծանրանար
Երուսաղէմը
օժտել
զարգացուն
դպրատունով
եւ
տիպար
տպարանով
եւ
ճոխ
թանգարանով,
որոնք
առատ
եւ
ապահով
միջոցներու
կը
կարօտէին,
մինչ
Երուսաղէմի
հասոյթը
ուխտաւորութեանց
պատահական
դիպուածներէ
կախում
ունէր,
իսկ
ծախքը
սուրբ
տեղեաց
խնդիրներու
երեսէն
կ՚աճէր:
Վարչական
կրկին
առաջարկներ
զիրար
կ՚եղծանէին,
ուստի
Եսայի
եւ
Իսահակ
ճարտար
դարձուածով
միոյն
կամ
միւսին
դադարումը
անհրաժեշտ
ցուցուցին,
եւ
վերջապէս
կեդրոնը
չկրնալով
Երուսաղէմը
անխնամ
թողլու
կողմը
հակիլ,
ստիպուեցաւ
տարեկան
վճարումի
դադարումը
յանձն
առնուլ,
եւ
այսպէս
հարթուեցաւ
երկար
տարիներէ
հետէ
քար
գայթակղութեան
դարձած
խնդիր
մը,
եւ
յաջողութիւնը
բարեգուշակ
համարուեցաւ
Եսայիի
պատրիարքական
պաշտօնին,
եւ
կերպով
մըն
ալ
իր
գործունէութեան
մասին
ակնկալութիւններ
արթնցուց
(ՍԱՒ.
1392-1939):
Բայց
այս
գրեթէ
միակ
արդիւնքն
եղաւ
Եսայիի
չորս
ամիս
Կ.
Պոլիս
դեգերելուն.
զի
ինչ
որ
իր
ունակական
բերմանց
համեմատ,
լուսանկարչական
գործարանի
կատարելագործման
եւ
կալվանաեան
դրութեամբ
ստեղծագործութեան
համար
պատրաստութիւններ
կատարեց,
աթոռին
բնութեան
համաձայն
եւ
իսկական
օգուտներու
գործեր
չէին
կրնար
սեպուիլ:
Երուսաղէմի
նոր
կանոնագիրին
ընդհանուր
ժողովոյ
կողմէն
քննուելուն
եւ
հաստատուելուն
երկարիլն
ալ
պատրիարքին
ուղեւորութիւնը
արգիլեց
(65.
ՄԱՍ.
683),
եւ
ստիպուեցաւ
բաւական
ժամանակ
Կ.
Պոլիս
դեգերիլ
մինչեւ
որ
գումարման
մէջ,
եւ
նոյն
օր
Եսայի
պատրիարք
յատենի
ժողովոյն
ուխտն
ալ
կատարեց
(65.
ՄԱՍ.
684),
ինչպէս
որ
նոյն
կանոնագիրի
2-րդ
յօդուածին
մէջ
գրուած
էր:
Այդ
կանոնագիրին
մանրամասնութեանց
չենք
մտներ
այստեղ,
զի
վերջնական
կարգադրութիւն
մը
չեղաւ:
Եսայի
կրնար
անմիջապէս
մեկնիլ
Զատիկին
Երուսաղէմ
գտնուելու
համար,
բայց
դարձեալ
ուշացուց,
եւ
միայն
վերջին
վայրկեանին
250
ոսկւոյ
սակարկութեամբ
յատուկ
շոգենաւ
վարձեց,
եւ
ուրիշ
արտասովոր
ծախքերու
ալ
ենթարկուելով,
ապրիլ
1-ին
(65.
ՅԿԲ.
77)
աւագ
չորեքշաբթի
օր
Կ.
Պոլիսէ
մեկնեցաւ,
բայց
հազիւ
ապրիլ
5-ին
Զատիկի
մեռելոցի
երեկոյին
կրցաւ
Երուսաղէմ
մտնել,
երբ
թէ
Ս.
Յարութեան
եւ
թէ
Ս.
Յակոբայ
տաճարներուն
մէջ
բոլոր
զատկական
հանդէսներ
աւարտած
էին,
որով
հակառակ
մեծագումար
ծախուց,
արարողութեանց
նախագահելու
փափաքէն
եւ
մտադրութենէն
ալ
վրիպած
մնաց:
Միաբանութիւնը
եւ
կառավարութիւնը
եւ
հարեւան
ազգութիւնները
պարտուպատշաճ
պատուասիրութեամբ
ընդունելութիւն
կատարեցին,
մայրտաճարին
մէջ
օրհնութիւնք
եւ
մաղթանք
տեղի
ունեցան,
պատրիարքական
աթոռը
բազմեցաւ,
եւ
պատրիարքարան
ելաւ
հանգչիլ
հեւիհեւ
կատարուած,
բայց
աննպատակ
դարձած
ուղեւորութենէն:
Եսայիի
ուղեկից
էին
Կ.
Պոլսոյ
փոխանորդ
Իսահակ
եպիսկոպոս,
զոր
մօտն
ունենալ
փափաքեցաւ
Եսայի,
փոխանորդութիւնը
Սէֆէրեան
Սիմէոն
վարդապետի
փոխանցելով,
եւ
Մկրտիչ
վարդապետ
Խրիմեան
որ
Գլակայ
վանահայրութեան
մէջ
հակառակութեանց
հանդիպած,
Կ.
Պոլիս
եկած
ու
պաշտօնէն
հրաժարած
էր,
եւ
պահ
մը
սուրբ
տեղեաց
այցելութեամբ
մխիթարուիլ
փափաքած
էր,
եւ
Յուսիկ
վարդապետ
Գալբազճեան
Վարագայ
միաբաններէն,
եւ
50
ուրիշ
հետեւորդներ,
պաշտօնական
կամ
անպաշտօն
ուղեկիցներ,
որոնք
օգտուած
էին
յատկապէս
վարձուած
շոգենաւով
ձրի
ճանապարհորդել
(65.
ՅԿԲ.
79-81):
2740.
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ
ԴԷՊՔԵՐ
Վերջին
օրերու
մէջ
Երուսաղէմի
դիպուածներուն
մասին
շատ
բան
չունինք
գրելու,
զի
գլխաւոր
անցուդարձեր
Եսայիի
ընտրութեան
եւ
ուղեւորութեանց
շուրջ
կը
դառնային,
զորս
ամփոփ
կերպով
պատմեցինք
արդէն:
Բայց
Երուսաղէմի
անհնար
էր
առանց
սուրբ
տեղեաց
խնդիրներու
մնալ,
եւ
այդ
միջոցին
ալ
պակաս
չեղան
նմանօրինակ
դիպուածներ:
Երուսաղէմի
կառավարիչ
Իզզէթ
փաշա
1864-ին
քաղաքին
շինուածական
բարեկարգութեան
նպատակով
սկսած
էր
կրպակներու
առջեւ
հնօրեայ
սովորութեան
համեմատ
գտնուող
բարձրաւանդակները
քակել,
եւ
Ս.
Յարութեան
տաճարին
եւ
մեծ
մզկիթին
ճամբաները
նորէն
սալարկել
տալ:
Յոյներ
առիթէն
օգտուելով
կը
ձեռնարկեն
նորոգել
Ս.
Յարութեան
արտաքին
բակին
արեւելակողման
պզտիկ
դուռը
զայն
իւրացնելու
դիտմամբ:
Սակայն
Հայեր
արթուն
կը
գտնուին,
Լատիններն
ալ
կը
զգուշացնեն,
եւ
թարգման
Ներսէս
վարդապետ
Գէորգեան
կը
յաջողի
կառավարիչին
ձեռքով
Յունաց
գործածները
քակել
եւ
պետական
ծախքով
վերաշինել
տալ
ընդհանուր
իրաւունքը
պահելու
համար:
Յոյներ
զայրացած
եւ
վրէժխնդրութեան
առիթ
պատրաստելու
համար
Ս.
Ծննդեան
այրին
պատարագամատոյց
սեղանին
պատկերը,
զոր
երկու
ազգեր
պատարագի
ատեն
դնելով
անմիջապէս
վերցնելու
սովոր
էին,
կը
սկսին
պատարագէ
ետքն
ալ
զետեղել,
եւ
Հայոց
դիմադրութիւնը
նախատեսելով,
ուխտաւորներէն
եւ
բնակիչներէն
երիտասարդս
ուժաւորս
եւ
հաստոյրս
պատրաստ
կը
բռնեն
բռնութեամբ
յաղթանակելու
համար:
Իրօք
ալ
կռիւը
տեղի
կ՚ունենայ
նոյեմբեր
1-ին,
Հայեր
թէպէտ
սակաւաւոր
ասպարէզէն
չեն
ընկրկիր,
տեսուչ
Փիլիպպոս
վարդապետ
Նաճարեանի
գլուխը
կը
պատռի,
ժամարար
վարդապետին
բազուկը
կը
կոտրուի,
ժողովուրդ
վրայ
կը
հասնի,
կռուարարներ
կը
զսպէ,
բայց
Յունաց
պատկերն
ալ
կը
վերցուի:
Կռիւը
կը
վերանորոգուի
դեկտեմբեր
17-ին
Հայոց
բաժնին
առաստաղը
աւլելու
առթիւ,
որուն
Յոյներ
կը
միջամտեն,
կառավարութիւնը
առժամաբար
երկու
կողմերն
ալ
կ՚արգիլէ,
բայց
24-ին
կը
թոյլատրէ
կամ
աչք
կը
գոցէ
Յունաց
ձեռնարկին,
որոնք
գաղտ
ու
գիշերային
աւելածութիւնը
կը
լրացնեն
եւ
պատկերն
ալ
գիշեր
մը
սեղանին
վրայ
կը
թողուն:
Հայեր
կատարուած
իրողութեան
հանդէպ
ուրիշ
միջոց
չեն
ունենար,
բայց
եթէ
միւս
տարին
դիմադրութիւնը
նորոգելու
սպասել
երբ
առիթն
ալ
նորոգուի,
որ
մինչեւ
այսօր
չէ
դադրած
իւրաքանչիւր
տարի
խնդիրի
նիւթ
ըլլալ
(ՍԱՒ.
1387-1388):
Իբրեւ
յիշատակաց
արժանի
պարագաներ
կրնանք
սեպել
նաեւ
Երուսաղէմ
եկող
արքունական
ուղեւորներ,
որոնք
Ս.
Յակոբայ
վանքն
ալ
այցելեցին,
ինչպէս
Շամպորի
դուքսը
Գաղղիոյ
նախկին
թագաւորական
Պուրպոնեան
գերդաստանէն
1861
հոկտեմբերին,
Մօտենայի
դուքսը
Աւստրիոյ
կայսերական
ազգատոհմէն
1864
փետրուարին,
եւ
Անգղիոյ
Վիկտորիա
թագուհւոյն
որդին
Արթիւր
իշխանը
1865
մարտին:
Իսկ
ազգային
նշանաւոր
ուխտաւորներուն
կարգին
յիշատակելի
է
Կատարինէ
Ղորղանեան
Տփղիսի
կուսաստանին
սարկաւագուհիներէն,
որ
երկրորդ
անգամ
ըլլալով
սուրբ
տեղեաց
ուխտի
կու
գար,
յիւր
գոյից
եւ
Տփղիսեցի
բարեպաշտուհեաց
նուէրներով
պատրաստուած
յիշատակի
հարուստ
ընծաներով,
ինչպէս
են
31
հատ
ոսկեթել
հիւսուածով
կարմիր
դիպակի
շուրջառներ,
եւ
արծաթեայ
աշտանակներ
եւ
ուրիշ
սպասներ:
Կ.
Պոլսոյ
եւ
Երուսաղէմի
պատրիարքական
աթոռներուն
եղելութիւնները
մինչեւ
Պօղոս
եւ
Եսայի
նորընտիր
պատրիարքներու
գահակալութիւնները
շարունակեցինք,
պարագայից
կապակցութիւնները
չխանգարելու
համար,
բայց
այստեղ
կանգ
կ՚առնենք
եւ
անոնց
պաշտօնավարութեան
մասին
խօսելիքնիս
կը
յետաձգենք,
որպէսզի
դառնանք
Մատթէոս
կաթողիկոսին
գործունէութեան
վրայ
խօսիլ,
որուն
պատմութիւնը
ընդհատած
ենք
իր
Էջմիածին
հասնելէն
ի
վեր
(§
2699):
2741.
ՄԱՏԹԷՈՍԻ
ԸՆԹԱՑՔԸ
Յիշեցինք
թէ
ինչպէս
1860
տարւոյ
սկիզբները
Կ.
Պոլիս
օդափոխութեան
երթալու
առաջարկին
մերժումովը,
Մատթէոս
այլայլմէ
եղած
եւ
յուսահատութեան
մատնուած
կատարելապէս
անօրինակ
կեանք
մը
կազմեց
իրեն,
սովորական
ընթացքէն
օտար,
պատշաճից
պահանջներուն
դէմ
ըմբոստ,
եւ
կանոնական
ձեւերու
հակառակ,
որով
առեղծուածական
հիւսուածք
մը
դարձած
է
1860-է
1865
անցուցած
կեանքը,
եւ
անհաւատալի
ըլլալու
չափ
տարօրինակ
դէպքէր
եւ
միջադէպներ,
անցքեր
եւ
գործեր
տակաւին
կենդանի
եւ
ամէնուն
բերանը,
որոնք
կատակներ
եւ
զաւեշտներ
կրնային
ըսուիլ,
եթէ
կաթողիկոսական
բարձրագահ
դիրքին
մէջ
տեղի
ունեցած
չըլլային:
Ասոր
հետ
մէկտեղ
պակաս
չեն
լուրջ
եւ
օգտակար
ձեռնարկներ
ալ,
որոնք
իր
մտածութեանց
հետեւանք
եւ
լուրջ
ջանքերու
արդիւնք
են
եղած,
եւ
գովութեանց
հիմնական
փաստեր
ընձեռած
եւ
իրենց
հեղինակին
հռչակ
պատրաստած
կ՚ըլլային,
եթէ
միւս
կողմէն
տարօրինակ
պարագաներ
անոնց
արժանիքը
չնուազեցնէին:
Անցողակի
աւելցնենք
թէ
աստ
եւ
այժմ
մեր
տրամադրութեան
ներքեւ
չենք
գտներ
բնագիրներ
եւ
վաւերագիրներ,
եւ
մանրամասնեալ
եւ
պատճառաբանեալ
յիշատակագիրներ,
որոնց
հիմնուելով
կարենայինք
գոհացուցիչ
եւ
կատարեալ
ուսումնասիրութիւն
մը
կազմել
Մատթէոսի
կաթողիկոսական
կեանքին
վրայ:
Մենք
տեսանք
զինքն
իբրեւ
պատրիարք,
եւ
չվարանեցանք
արդիւնաւոր
պաշտօնավարութիւն
մը
վերագրել
իրեն,
որչափ
ալ
ցրուած
բազմատեսակ
ձեռնարկներու
ետեւէն,
եւ
յախուռն
իր
նպատակին
դիմելու
մէջ,
բայց
միշտ
անվկանդ
հրապարակին
վրայ
եւ
խոյս
չտուող
հակառակութեանց
մէջ
առանձնացեալ
եւ
մենացեալ,
յարաբերութիւնները
ընդհատող,
տեսնուելէ
իսկ
խուսափող,
մինչեւ
աջահամբոյրի
մօտեցողներուն
ձեռքին
թաթը
երկարել
վարագոյրի
ետեւէն
եւ
երեսը
ծածկել:
Այն
օրէն
որ
Կ.
Պոլիս
երթալը
չյաջողեցաւ
վշտալի
յորջորջումը
իբրեւ
մակդիր
անուն
իր
ստորագրութեան
աւելցնելը
մեծանձնութեան
նշանակ
չէր,
ընդհակառակն
փոքրոգութեան
փաստ
կը
դառնայ
երբոր
կամայական
անձնդիւրութեան
պարագայի
մը
շուրջը
կը
դառնար,
զի
ոչ
ներսէն
եւ
ոչ
դուրսէն
յատուկ
վիշտ
մը
չէր
ծանրանար
իր
վրան,
գործերը
իրենց
սովորական
ընթացքը
կը
պահէին,
եւ
իր
անհատական
կեանքն
ալ
հնարաւոր
դիւրութիւններով
շրջապատուած
էր:
Իսկ
եթէ
Պօլօժէնիէի
կարգադրութիւնները
զինքն
սեղմեալ
կացութեան
մը
կ՚ենթարկէին,
այն
պէտք
չէր
իրեն
համար
անակնկալ
նորութիւն
մը
ըլլար,
զի
իբրեւ
հնօրեայ
ազգային
պաշտօնակալ,
իբրեւ
առաջնորդ
եւ
պատրիարք,
իբրեւ
գործիչ
եւ
վարիչ,
իբրեւ
գրող
եւ
ուսումնասիրող,
լաւ
պէտք
էր
գիտնար
Մայրաթոռոյ
դիրքը,
եւ
ի
հարկին
պէտք
չէր
անոր
ենթարկուէր,
եւ
ոչ
թէ
անսահման
խնդութենէն
սենեկին
մէջ
պարելու
ելլէր,
երբոր
ընտրութեան
աւետիսը
կը
լսէր:
Վերջապէս
առեղծուածական
դէմք
մը
եղած
է
Մատթէոս
կաթողիկոսական
աթոռին
վրայ,
եւ
նորէն
պիտի
դառնանք
զայն
նկատի
առնել
իր
գործունէութենէն
ինչ
ինչ
պարագաներ
յառաջ
բերելնէս
ետքը:
2742.
ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ
ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Մատթէոս
լուրջ
եւ
օգտակար
ձեռնարկներ
ունեցած
է
ըսինք,
եւ
առաջ
անոնցմէ
կը
սկսինք
մեր
բացատրութիւնները:
Պօլօժէնիէն
ազգային
վարժարանները
հոգեւոր
դպրոցք
անունով
կը
կոչէ,
իբր
զի
անոնց
գոյութեան
գլխաւոր
փաստը
հայադաւան
ժողովուրդին
իրեն
կրօնքն
ու
հաւատքը
ուսուցանելն
է,
զի
յայտնապէս
անոնց
յանձնի
կրօնական
եւ
բարոյական
կրթութիւն
մանկանց
ի
նմին
ուսանողաց,
եւ
առանձինն
յիշուած
Էջմիածնի
եւ
իւրաքանչիւր
վիճակի
գլխաւոր
դպրոցներէն
զատ,
որոնք
են
դպրանոց
կամ
սեմինարիա
կոչուածները,
կ՚ենթադրուի
թէ
կան
յամենայն
եկեղեցիս
եւ
ի
մենաստանս
վիճակին
(ՊՕԼ.
21)
դպրոցներ,
եւ
թեմակալներու
պարտք
կը
դրուի
դարձուցանել
զճիշդ
մտադրութիւն
իւրեանց
ի
վերայ
որպիսութեանց
դպրատանց
եղելոց
ընդ
տեսչութեամբ
վանօրէից
եւ
եկեղեցեաց
(ՊՕԼ.
13),
բայց
յայտնապէս
յիշուած
չէ
թէ
ինչ
միջոցներով
կը
գործադրեն
թեմակալներ
պահանջուած
մտադրութեան
պարտքն
ու
իրաւունքը:
Այդ
լռութենէ
օգուտ
քաղելով
Մատթէոս
ուշադրութիւն
դարձրեց
ծխական
դպրոցների
վրայ,
եւ
ծխական
հոգաբարձութիւններ
կազմեց
ընդհանրապէս
աշխարհական
անձերէ,
յարմար
եկեղեցականներն
ալ
չզրկելով,
եւ
այս
կերպով
ժողովրդական
իրաւունք
մը
ստեղծեց
տալով
ժողովրդին
իւր
դպրոցական
պէտքերը
հոգալու
հոգսը
(ԶԱՄ.
Բ.
165):
Իրմէ
առաջ
մութ
մնացած
էր
այդ
կէտը,
նոյն
իսկ
Ներսէս
ալ
չէր
մտածած
խնդիրը
լուսաբանել
եւ
գործը
կարգադրել,
ինչ
որ
աւելի
հեշտ
եղաւ
Մատթէոսի,
Տաճկահայոց
եւ
գլխաւորապէս
Կ.
Պոլսոյ
մէջ
գործածուած
ձեւին
հետեւողութեամբ:
Իր
այդ
նախաձեռնութիւնը
խնդութեամբ
ողջունուեցաւ
Ռուսահայոց
կողմէ,
իբր
զի
նորա
շնորհով
դպրոցական
գործը
մեծ
զարգացում
ստացաւ
Ռուսահայոց
մէջ
(ՊԱԼ.
470),
զի
նա
յարգելով
ժողովրդեան
կամքը
(ՄԵԼ.
607),
ուսումնարանների
վարչութիւնը
աշխարհական
հոգաբարձուների
ձեռքն
անցաւ
(ՊԱԼ.
470),
եւ
ասով
նորա
կաթողիկոսութեան
ժամանակ
Ռուսահայոց
ազգային
կեանքի
վերածնունդ
է
սկսվում
(ԶԱՄ.
Բ.
161):
Եղած
ձեռնարկը
անով
աւելի
ոյժ
ստացաւ,
որ
դպրոցական
կանոնադրութիւններ
վաւերացնելով
(ՄԵԼ.
607),
նոցա
պահպանութեան
համար
եկեղեցիներից
եւ
վանքերից
եկամուտներ
նշանակուեցան
(ՊԱԼ.
470),
եւ
այս
կարգադրութիւններ
մինչեւ
ցայսօր
գործադրութեան
մէջ
են:
Դպրոցական
հաստատութեանց
մէջ
կարեւորագոյնն
ու
նախապատիւը
Ներսիսեան
ուսումնարանն
էր,
եւ
գիտենք
թէ
Ներսէս
ի'նչչափ
ետեւէն
էր
զայն
կանոնադրութեամբ
մը
օժտել,
բայց
չէր
կրցած
իրականացնել
(§
2614):
Մատթէոս
այն
ալ
գլուխ
հանեց
եւ
1861-ին
(ՀՄՌ.
96)
հաստատեց
Ներսիսեան
դպրոցի
կանոնադրութիւնը,
որով
մինչեւ
այս
օր
վարուում
է
այդ
հաստատութիւնը
(ԶԱՄ.
Բ.
165),
եւ
տիրապէս
Ներսիսեան
ուսումնարանի
տեւողականութիւնը
երաշխաւորուած
եղաւ:
Մեծ
բաներ
կը
սպասուէին
Մատթէոսի
ուսումնասիրութենէն
եւ
ուսումնականութենէն,
եւ
իր
պաշտօնավարութեան
սկիզբը
յաջողցուցած
դպրոցական
ձեռնարկները
նշանակութիւն
ունեցան
ժամանակի
մտածող
մարդոց
յոյսերն
արդարացնել
(ԶԱՄ.
Բ.
165):
2743.
ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ
ՀՈԳԱԾՈՒԹԻՒՆ
Մատթէոսի
արդիւնքներէն
ուրիշ
մըն
ալ
Մայրաթոռոյ
մատենադարանի
մասին
տուած
հոգն
է:
Էջմիածնի
տպագիրներուն
մատենադարանը
նշանաւոր
չէ,
եւ
չէր
ալ
եղած,
բայց
գրչագիրներու
մատենադարանը
ամէն
ատեն
հռչակ
ունեցած
է,
եւ
այսօր
ալ
աշխարհի
վրայ
հայերէն
ձեռագիրներու
ամենէն
ճոխ
հաւաքածոյն
է:
Կարբեցիին
օրէն
յիշած
ենք
անոր
անկարգ
պահուած
ըլլալը
(§
2736),
եւ
առձեռն
կարգադրութիւն
մը
մտցուիլը
ծերակուտական
Գանի
մղումով
(§
2537):
Ներսէսի
օրով
ալ
հիմնական
կարգադրութիւն
մը
չեղաւ,
եւ
Մատթէոս
գտաւ
զայն
ի
խառն
դրութեան,
որ
զամենայն
տեսողաց
զսիրտս
ճմլէր
ի
կարեկցութիւն.
ուստի
հարկ
եղաւ
նախ
մատենադարանապետ
մը
ունենալ,
եւ
ընտրուեցաւ
Դանիէլ
վարդապետ
Շահնազարեան
Տարոնեցի
1860
սեպտեմբեր
30-ին
սինոդական
պաշտօնագիրով,
որուն
հրամայուեցաւ
կանոնանուր
ցուցակ
կազմել,
եւ
իրեն
ընկերակից
տրուեցան
Անդրէաս
վարդապետ
Վեհապետեան,
որ
է
Տէր-Անդրէասեանը
եւ
Սուքիաս
վարդապետ
Պարզեան,
Յակոբ
սարկաւագ
Սիւնեաց
օգնական,
եւ
Նիկողայոս
Տէր-Յովսէփեան
քարտուղար:
Երբոր
Յակոբ
Կարինեան
Տփղիսի
ծանօթ
ատենադպիրը
(§
2612)
1861
սեպտեմբերին
Էջմիածին
այցելեց,
մատենադարանը
մաքրուած
եւ
յարդարուած
եւ
կարգադրուած
գտաւ
եւ
ձեռագրաց
ցուցակը
լմննալու
մօտ,
եւ
խոստացաւ
զայն
իր
ծախքով
տպագրել
տալ:
Դանիէլ
վարդապետ
ցուցակը
աւարտելով
զայն
կաթողիկոսին
ներկայեց
1862
յունուար
10-ին,
եւ
կաթողիկոսը
1863
մայիս
29-ին
յղեց
Կարնեանցի
ի
Տփղիս,
որ
անմիջապէս
տպագրութեան
յանձնեց,
եւ
1863
տարին
չլրացած
լոյս
տեսաւ
հատորը,
որ
Կարինեան
ցուցակ
կը
կոչուի
սովորաբար,
հրատարակողին
եւ
ոչ
թէ
երկասիրողին
անունէն:
Շահնազարեանի
ցուցակը
թէպէտ
չունի
այն
կատարելութիւնը,
որ
վերջին
ատեններ
սովորական
դարձած
է,
սակայն
գոհացուցիչ
ձեւով
կազմուած
է,
իւրաքանչիւր
հատորին
մէջ
գտնուած
մասերը
զատ
զատ
նշանակուած
են,
յիշատակարաններուն
վրայ
տեղեկութիւններ
տրուած
են,
եւ
հատորին
վիճակը
բացատրուած
է:
Պարունակութեանց
ցուցակագրութեան
կարգին
նկատելի
են
մանաւանդ
ճառընտիրները
(ՑՈՒ.
78-136),
եւ
գլխաւորապէս
7-րդ
ճառընտիրը,
որ
414
տարբեր
կտորներ
կը
պարունակէ
(ՑՈՒ.
102-126):
Գիրքերը
դասաւորուած
են
գլխաւոր
նիւթին
այբուբենական
կարգով,
իսկ
հեղինակներն
առանձինն
նշանակուած
են:
Ցուցակի
անցած
հատորներ
2340
հատ
են
(ՑՈՒ.
230),
իսկ
այժմ
Մայրաթոռոյ
գրչագիրները
4000-է
աւելի
են:
Կարինեան
իր
յառաջաբանին
մէջ
կը
յորդորէ
որ
Էջմիածնի
կնիքով
գրչագիր
ունեցողներ
փութան
ետ
դարձնել,
սեփական
գրչագիրներ
ունեցող`
Էջմիածնի
նուիրեն,
անտիպները
հրատարակելու
հոգ
դարձուի,
եւ
ուսումնասիրութեանց
պէտք
ունեցողներ
Էջմիածնի
սինոդին
դիմեն
(ՑՈՒ.
Ը):
Բայց
մատենադարանը
ճոխացնելու
գլխաւոր
միջոցը
եղած
է
Մատթէոսի
եւ
յաջորդներուն
ջանքը,
որով
մասնաւոր
վանքեր
եւ
եկեղեցիներ
գտնուածները
Մայրաթոռ
փոխադրուած
են:
Կարինեանէն
ետքը
տակաւին
նոր
ցուցակ
հրատարակուած
չէ,
եւ
Մակար
կաթողիկոսի
ձեռքով
1888-ին
ձեռք
առնուած
նոր
հոգածութիւն
յաջորդներուն
օրով
չշարունակուեցաւ:
2744.
ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
ԾՐԱԳԻՐ
Մատթէոսի
միտքին
տագնապներէն
գլխաւորը
Պօլօժէնիէի
կանոններուն
մէջ
փակուած
մնալն
էր,
որ
կ՚արգիլէր
իրեն
ըստ
հաճոյից
եւ
ըստ
քմաց
վարել
իր
իշխանութիւնը,
եւ
անոր
համար
ինքզինքը
վիշտերու
մատնուած
կը
գտնէր
եւ
վշտալի
կը
հռչակէր:
Հետեւաբար
հոգւով
փարեցաւ
պետութեան
կողմէ
Ներսէսի
օրով
եղած
կառավարական
ազդարարութեան,
թէ
յարմարագոյն
էր
Պօլօժէնիէի
ամբողջութեան
վրայ
դիտողութիւններ
ըսել
եւ
առաջարկներ
բերել
(§
2674),
ուստի
նոր
կանոնադրութեան
ծրագիր
մը
ուսումնասիրելու
եւ
պատրաստելու
ձեռնարկեց,
կը
կարծենք
1860-էն
սկսելով,
երբ
Կ.
Պոլիս
երթալու
արգելք
տեղի
ունեցաւ
(§
2699),
թէպէտ
1863-ին
միայն
կրցաւ
իր
ծրագիրը
պատրաստել
եւ
ռուսական
կառավարութեան
առաջարկել
որ
հաստատուի
եւ
գործադրութեան
դրուի
փոխանակ
Պօլօժէնիայի:
Ծրագիրին
համար
ըսուած
է
թէ
մասնաժողովոյ
մը
ձեռօք
պատրաստուեցաւ,
թէպէտ
տեղեկութիւններ
չգտանք
թէ
եflրբ
կազմուեցաւ
մասնաժողովը,
որոflնք
էին
անդամակիցները,
եւ
իflնչ
պայմաններու
ներքեւ
գործեցին:
Մատթէոսեան
ծրագիրը
նոյն
իսկ
Պօլօժէնիէի
անողոք
քննադատներէն
թերի
եւ
անբաւական
ըսուած
է
(ՅՆՁ.
55),
հետեւաբար
իբր
1836-ի
պետական
կանոնագիրներէն
լաւագոյն
չընդունուիր,
որով
եւ
անհետեւանք
մնացած
ըլլալն
ալ
կորուստ
մը
պիտի
չկարծուի:
Սակայն
մեր
պատմութեան
ամբողջացումը
կը
պահանջէ
որ
ամփոփ
կերպով
ներկայացնենք
զայն
մեր
ընթերցողներուն,
գոնէ
իբրեւ
պարզ
տեղեկութիւն:
Ծրագիրը
մակագրուած
է
կարգ
եւ
կանոն
Հայաստանեայց
եկեղեցւոյ
կաթողիկոսութեան
(ՅՆՁ.
56),
որ
առաջին
տպաւորութեամբ
կը
ցուցնէ
թէ
ծրագրողը
աւելի
իր
կաթողիկոսական
իշխանութեան
գաղափարովը
տոգորուած
է,
քան
թէ
ընդհանուր
եկեղեցւոյ
տեսակէտով:
Բովանդակ
89
յօդուածներ
կը
պարունակէ
6
գլուխներու
բաժնուած,
կաթողիկոս
եւ
ընտրութիւն
17
յօդուած,
կաթողիկոսի
իրաւունք
եւ
պատրիարք
21,
տեղապահ
եւ
կաթողիկոսական
խորհուրդ
7,
վիճակային
առաջնորդք
եւ
խորհուրդք
14,
եկեղեցական
արդիւնք
կամ
հասոյթ
17,
եւ
Ռուսաստանի
մէջ
իրաւունք
եւ
արտօնութիւնք
13
(ՅՆՁ.
56-57):
Ծրագիրին
առաջին
հինգ
գլուխներու
մէջ
բնաւ
ակնարկ
չկայ
Ռուսիոյ
եւ
ռուսական
կառավարութեան
վրայ,
այլ
Հայոց
կաթողիկոսութիւնը
կը
նկատուի
տեղական
յարաբերութիւններէ
անկախ
(ExtraterritorialitԸ)
դիրքի
մը
մէջ,
որ
միեւնոյն
կերպով
կը
վերաբերուի
ամէն
տէրութեանց
հետ
ուր
ուրեք
որ
Հայ
եկեղեցւոյ
հաւատացեալ
ժողովուրդ
կը
գտնուի:
Կաթողիկոսութեան
կը
տրուի
բացարձակ
եւ
անձնական
միապետական
իշխանութիւն,
որուն
անպայման
հնազանդութեան
ներքեւ
են,
եւ
որուն
պատասխանատու
են
բոլոր
Հայաստանեայց
եկեղեցւոյ
հոգեւորականք,
վիճակաւոր
առաջնորդներ
եւ
վիճակային
խորհուրդներ
ալ
մէջը,
աշխարհքի
ո'ր
կողմը
եւ
ո'ր
տէրութեան
մէջ
ալ
գտնուին
(ՅՆՁ.
63):
Նա
լիակատար
իշխանութիւն
ունի
Հայաստանեայց
առաքելական
եկեղեցւոյ
վարչութեան
վրայ
(ՅՆՁ.
56),
նա
նշանակում
է
վիճակաւոր
առաջնորդ
աշխարհքի
ամէնն
կողմ
գտնուող
Հայերուն,
միայն
ի
յարգանս
ընդունելով
ազգի
կարծիքը
նրանց
նշանակելու
ժամանակ
(ՅՆՁ.
62),
ինչոր
բացարձակապէս
կը
ջնջէ
ժողովրդական
ընտրութեան
իրաւունքը:
Նա
կը
նշանակէ
տեղապահ
մը
եւ
կաթողիկոսական
խորհուրդի
ութը
մշտակայ
անդամները
որ
եւ
է
դասակարգէ,
եւ
իրաւունք
ունի
արձակել
եւ
փոխել
թէ
խորհրդականները
եւ
թէ
առաջնորդները
ի'նչպէս
եւ
ե'րբ
օգտակար
կարծէ
(ՅՆՁ.
60):
Այդ
պայմաններու
ներքեւ
ջնջուած
պիտի
նկատուին
նաեւ
Տաճկահայոց
սահմանադրութեամբ
ժողովուրդին
ապահոված
ընտրողական
եւ
վարչական
իրաւունքները,
զորս
Մատթէոս
չէր
կրնար
անգիտանալ:
Կաթողիկոսական
ընտրութեան
համար
կ՚ընդունի
նախորդի
մահուանէն
մի
տարի
պայմանաժամը,
բայց
չի
ճանչնար
ոչ
առաջնորդներու
եւ
ոչ
եկեղեցականներու
սեփական
ընտրողական
իրաւունք
մը,
զի
պատգամաւորներ
պիտի
ընտրուին
առանց
զանազանելու
նրանց
ծնունդը,
վիճակը
եւ
կոչումը,
եւ
կարող
են
լինել
ինչպէս
աշխարհական
նոյնպէս
եւ
հոգեւորական:
Իւրաքանչիւր
գիւղ
եւ
քաղաք
պիտի
ընտրէ
մէկ
պատգամաւոր,
ասոնք
գործակալութեանց
մէջ
հաւաքուելով
պիտի
ընտրեն
երկու
պատգամաւոր,
ասոնք
ալ
աթոռանիստ
քաղաքին
մէջ
գումարուելով,
եւ
նոյն
քաղաքի
իւրաքանչիւր
եկեղեցւոյ
երեք
պատգամաւորներու
հետ
միանալով
պիտի
կատարեն
մի
վիճակային
պատգամաւորի
ընտրութիւնը,
որոնք
վերջապէս
Էջմիածինի
մէջ
ժողով
կազմելով
եւ
միաբանութեան
եօթը
պատգամաւորներու
հետ
միանալով
պիտի
կատարեն
կաթողիկոսի
ընտրութիւնը:
Միայն
ներկայ
գտնուողներ
ձայն
պիտի
ունենան,
բայց
վիճակային
պատգամաւորներու
հետ
փոխանորդներ
ալ
պիտի
ընտրուին
հարկաւոր
եղած
ժամանակ
նրանց
տեղ
բռնելու
համար:
Վիճակային
պատգամաւորներ
նախ
մի
մի
անուն
պիտի
գրեն,
որով
պիտի
կազմուի
ընտրելեաց
նախնական
ցուցակը,
յետոյ
իւրաքանչիւր
պատգամաւոր
այդ
ցուցակէն
չորս
չորս
անուն
պիտի
քուէարկէ,
եւ
ով
որ
շատ
ձայն
է
ստանում,
ընտրւում
է
կաթողիկոս
ամենայն
Հայոց.
իսկ
հաւասար
ձայներու
առթին
վճռուում
է
վիճակ
ձգելով:
Այս
կերպով
ընտրուածը
կ՚երդնու
եւ
կ՚օծուի
առանց
որ
եւ
է
ուրիշ
պետական
ձեւակերպութեան
կամ
հաստատութեան
(ՅՆՁ.
56-58):
Բաւական
կը
սեպենք
այդ
գլխաւոր
կէտերը
վերլուծել,
զի
մնացեալ
կէտերը
ընդհանուր
եւ
ծանօթ
սկզբունքներ
կը
պարունակեն,
միշտ
ամուր
պահելով
կաթողիկոսի
բացարձակ
իշխանութիւնը
ամէն
պարագայի
մէջ
եւ
ամէն
հայ
եկեղեցական
հաստատութեանց
վրայ:
Նոյն
բացարձակ
իշխանութիւնը
ճանչցուած
է
վիճակաւորներուն
ալ
իրենց
վիճակին
վրայ,
պատասխանատու
ըլլալով
ուղղակի
եւ
միայն
առաջի
կաթողիկոսին:
Վերջին
վեցերորդ
գլուխը
յատուկ
է
ռուսական
կառավարութեան
հետ
անհրաժեշտ
յարաբերութեանց,
պարզապէս
տեղական
եւ
դատական
եւ
ելեւմտական
հանգամանաց
մէջ,
մերժելով
որեւէ
վարչական
եւ
ընտրողական
եւ
հաստատողական
միջամտութիւն
թէ
կաթողիկոսի,
թէ
առաջնորդաց
եւ
թէ
խորհրդականաց
նկատմամբ:
Մատթէոսը
պատկերացեալ
կը
տեսնենք
իր
ծրագիրին
մէջ,
ամէն
օրինական
եւ
խորհրդակցական
կաշկանդումներու
դէմ
ըմբոստ,
եւ
իբր
ծայրագոյն
հոգեւոր
տէր
ու
հովիւ
(ՅՆՁ.
56)
աղիկամի
եւ
բացարձակ
իշխանութեամբ
գործելու
հետամուտ,
առանց
նկատի
առնելու
կամ
ենթարկուելու
այն
անհրաժեշտ
պահանջներու
ալ,
որ
պետական
իշխանութեան
եւ
տիրապետական
կացութեան
ուղղակի
հետեւանքներ
են:
Բնական
էր
որ
այս
տեսակ
ծրագիր
մը
չի
կարենար
ընդունուիլ
կամ
հաստատուիլ
ռուսական
կառավարութենէ,
որուն
ներկայացաւ
ի
վաւերացումն,
երբ
չէր
ճանչցուեր
անոր
միջամտութիւնը,
եւ
կ՚երեւի
թէ
մերժուելու
նպատակով
իսկ
նկատողութեան
չառնուեցաւ,
եւ
կաթողիկոսը
չվշտացնելու
միտքով
մէկ
կողմ
թողուեցաւ,
եւ
Մատթէոս
առանց
պատասխան
մը
իսկ
առնլոյ
վախճանեցաւ,
ծրագիրին
մատուցուելէն
երկու
լրացեալ
տարիներ
ետքը
(ՅՆՁ.
55),
եւ
մենք
այդ
մասին
աւելի
պնդելը
աւելորդ
կը
սեպենք:
2745.
ՄԱՏԹԷՈՍԻ
ԲՆՈՅԹԸ
Մատթէոս
կաթողիկոսի
արդիւնաւորութենէն
ինչինչ
յառաջ
բերինք,
եւ
կ՚ուզէինք
շատ
աւելին
գրել,
սակայն
դժբախտաբար
իր
յիշատակագիրներ
մեզի
նշանակելի
կէտեր
չեն
ներկայեր,
եւ
զգուշաւորներն
իսկ
գրեթէ
լռութեամբ
կ՚անցնին
անոր
գործունէութեան
վրայէն
(ՄՈՎ.
370,
ՊԱԼ.
470),
մինչ
ուրիշներ
չեն
վարանիր
յայտնել
թէ
շատ
դիւրախաբ
ու
փոփոխամիտ
անձնաւորութիւն
էր,
եւ
այս
իսկ
պատճառով
էլ
ոմանց
ձեռքն
խաղալիք
դարձաւ:
Մայրաթոռի
տնտեսական
բարւոքմանց
վրայ
նա
ուշադրութիւն
չդարձրեց,
եւ
իւր
նախորդի
Ներսէսի
ձեռնարկութիւնները
անխնամ
թողեց
(ԶԱՄ.
Բ.
166):
Աւելի
առաջ
եւս
մղուողներ
կը
գրեն
թէ
օտարամոլ
եկեղեցականք
եւ
աշխարհականք
ոմանք
կը
յաջողին
շատ
դիւրութեամբ
Մատթէոսի
միտքը
խարբալել,
եւ
իւր
ի
սկզբան
յարգած
սկզբունքներու
դէմ
սպառազինել:
Դպրոցներու
եւ
ուսումնականաց
առաջին
բարեկամ
Մատթէոսն
շուտով
հակառակորդի
կը
փոխուի,
խաղալիկ
լինելով
այլոց
ձեռքը
(ՄԵԼ.
607-608):
Ինչ
ալ
ըլլայ
այդ
մեղադրանքները
գրողներուն
տեղեկութիւնն
ու
հմտութիւնը,
մենք
համամիտ
պիտի
չգտնուինք
իրենց
տեսութեանց
եւ
ոչ
դիւրախաբ
մը
եւ
ոչ
փոփոխամիտ
մը
պիտի
ըսենք
Մատթէոսը,
այլ
ընդհակառակն
իր
կարծիքներուն
վրայ
յամառ,
եւ
իր
ձգտումներու
մէջ
անճկուն
հոգի
մը
կը
տեսնենք
անոր
վրայ,
որ
չափազանցութեան
տանելով
իր
բնաւորութիւնը
քէն
կ՚ընէ
երբ
որ
չի
կրնար
իր
կամքը
տեղը
տանիլ
կամ
իր
միտքը
իրականութեան
հասցնել:
Մայրաթոռոյ
մէջ
տիրող
եւ
Պօլօժէնիէով
նուիրագործուած
կացութենէն
նեղացած
եւ
զայն
քակելու
եւ
քանդելու
անհնարութենէն
ընկճուած,
եւ
այդ
նոր
կացութիւնից
դժգոհ
ինքն
իրեն
կ՚որոշէ
ընդհանրապէս
քաշուած
կեանք
վարել
(ՊԱԼ.
470),
ամէն
ինչ
սինոդին
կամքին
թողած
(ԶԱՄ.
Բ.
166),
որով
զարմանալու
չէ,
եթէ
այդ
պարագաներու
ներքեւ
նոյն
իսկ
իր
միտքին
եւ
իր
կամքին
հակառակ
գործեր
երեւան
գան
իր
անունին
ներքեւ,
որով
իբր
թէ
ի
սկզբան
յարգած
սկզբունքներուն
դէմ
սպառազինել
կարծուի
(ՄԵԼ.
607):
Սկզբունքներու
խնդիրին
մէջ
ալ,
ոչ
թէ
ուսումնասէր
Մատթէոսը
ուսումնատեաց
դարձած
պիտի
ըսենք,
այլ
անոր
ուսումնասէր
հոգին
վերլուծելով
պիտի
գտնենք
անոր
մէջ
մոլեռանդ
պահպանողական
մը,
եկեղեցական
աւանդութեան
եւ
սովորութեանց
եւ
համոզմանց
մէջ
քննադատական
ուղղութենէն
հեռու,
որ
անխտիր
կը
պաշտպանէ
ինչ
որ
սկիզբէն
պահած
է
կամ
իր
վարդապետէն
ընդունած
է,
եւ
կը
կարծէ
այս
կերպով
հայ
եկեղեցու
դաւանութեանց
անարատ
պահպանութեան
գաղափարով
գործել:
Ուստի
ոգորելու
կ՚ելլէ
ոչ
թէ
ուսման
դէմ
այլ
տարբեր
գաղափարների
դէմ,
եւ
համարձակ
կը
կռուի
Այվազեան
վարդապետի,
Շամախու
հայ
բողոքականների
ու
Հիւսիսափայլի
դէմ,
որ
հայ
եկեղեցու
համար
րէֆօրմ
էր
պահանջում,
եւ
մինչեւ
իսկ
կ՚աշխատի
Հիւսիսափայլը
խափանել
(ԶԱՄ.
Բ.
166):
Բայց
այս
երեւոյթները
ոչ
թէ
ուսումնատեաց
մը
կը
կազմեն
մեր
աչքին,
այլ
ուսմանց
եւ
ուսումնասիրութեանց
մէջ
անկքելի
համոզում
կազմած
մէկ
մը,
որ
երբ
իր
տեսութեանց
հակառակ
տեսութիւն
կամ
կարծիք
կամ
խօսք
կամ
գրուած
կը
տեսնէ,
համարձակ
զայն
ջնջելու
եւ
քանդելու
ետեւէ
կ՚ըլլայ,
ի'նչ
ալ
ըլլայ
հետեւանքը,
եւ
բնաւ
չուզեր
եւ
չզիջանիր
կշռել
եւ
դատել
հակառակ
կարծիքները:
Այս
ուղղութիւնը
նախնական
էր
Մատթէոսի
վրայ,
եւ
այնպէս
տեսանք
մենք
զայն
թէ
իբր
գործօն
պատրիարք
եւ
թէ
իբր
գրոց
հեղինակ.
ուստի
կաթողիկոսական
աթոռին
վրայ
ալ
նոյնը
տեսած
ատեննիս,
ոչ
դիւրախաբ
եւ
ոչ
փոփոխամիտ
պիտի
կարծենք
զայն,
այլ
ընդհակառակն
ամուր
եւ
պինդ
իր
առաջին
տեսութեանց
վրայ,
միայն
քէն
ընող
մը
որ
հրապարակէն
կը
քաշուի
երբ
որ
իր
միտքին
եւ
իր
կամքին
համապատասխան
չգտնէր,
կամ
թէ
իր
միտքին
եւ
իր
կամքին
չի
կրնար
հպատակեցնել
տիրող
պարագաները:
Իսկ
երբ
երեւնալու
ու
գործելու
կը
ստիպուի,
բոլորովին
նորօրինակ
եւ
տարօրինակ
ձեւերու
կը
հետեւի,
որոնք
հանրային
եւ
ընկալեալ
ձեւերէն
օտար
ըլլալուն,
չըսենք
այլանդակութեան`
գոնէ
ջղագրգիռ
եսականութեան
կարծիքը
ուրիշներու
փոփոխամտութիւն
եւ
դիւրախաբութիւն
ըսածին
նկատմամբ,
եւ
զայն
կը
գտնենք
պինդ
ու
ամուր
ու
յամառ
ու
անճկուն
բնաւորութեան
ուղիղ
հետեւանք:
2746.
ԴԱՇԱՆՑ
ԹՈՒՂԹ
Մատթէոսի
նախապաշարեալ
պահպանողականութեան
մէկ
հետեւանքն
ալ
եղաւ,
հայրապետական
աթոռին
վրայ
գտնուած
ատենը
Դաշանց
թուղթին
նման
անվաւեր
գրուած
մը
պաշտպանելը,
որ
Հայ
եկեղեցւոյն
պատիւ
չի
բերեր,
մանաւանդ
թէ
անոր
առաքելական
սկզբնաւորութեան
եւ
աթոռին
բարձրութեան
կը
վնասէ:
Մենք
համարձակ
յայտարարած
ենք
Դաշանց
թուղթին
անվաւեր
գրուած
ըլլալը,
եւ
միանգամյան
անոր
ծագումը
վերագրած
ենք
հայկական
բարեմիտ
խաբէութեան,
որով
Խաչակիրներու
օգնութեան
ապաւինած
եւ
պապերու
հովանաւորութենէն
օգուտ
սպասող
հայեր
յաջողած
են
Անտիոքի
Լատին
պատրիարքներուն
ոտնձգութիւնը
արգիլել,
որոնք
Կիլիկիոյ
նահանգին
Անտիոքայ
պատրիարքութեան
սահմանին
մէջ
ըլլալուն
հիմնուելով
կ՚ուզէին
Հայոց
կաթողիկոսութեան
վրայ
իշխել
(§
75-76):
Մատթէոս
իր
պաշտպանողականը
պատրաստեր
է
կաթողիկոսութենէ
առաջ
1850-է
1857
տարիներու
մէջ,
եւ
1858-ին
ասանկ
ճառ
մը
գրած
ըլլալը
եւ
տպագրելու
միտք
ունենալը
յայտներ
է
նաեւ
Շահնազարեան
Կարապետ
վարդապետի,
որ
խնդրեր
է
որպէսզի
այդ
մտադրութենէ
հրաժարի,
յայտարարելով
իսկ
որ
եթէ
այսպիսի
հրատարակութիւն
մը
ընէ,
զինքն
պիտի
պարտաւորցնէ
հերքումը
գրել
(ԴԱՇ.
8):
Շահնազարեան
այդ
գործին
կը
խառնէ
Պալեան
Կարապետ
եւ
Փափազեան
Ճանիկ
ամիրաներու
անուններն
ալ,
առաջինը
իբր
Դաշանց
թուղթը
պաշտպանող
եւ
երկրորդը
իբր
զայն
տպագրութեամբ
տարածող
(ԴԱՇ.
7,
9).
սակայն
մենք
այդ
անուններով
չենք
զբաղիր,
քանի
որ
ոչ
գրական
անձնաւորութիւններ
են
եւ
ոչ
եկեղեցական
հեղինակութիւններ:
Մատթէոս
իր
պատրաստած
գրուածը
միասին
կը
տանի
Էջմիածին,
եւ
թէրեւս
պահ
մը
ինքն
ալ
կը
դեդեւի
հրատարակութեան
տալ,
զի
երեք
տարի
ետքը
երեւան
եկած
է
այն
առաջին
անգամ
Մսեր
Մսերեանի
Ճռաքաղ
հանդէսին
1861
մարտ
1-ի
եւ
15-ի
թիւերուն
մէջ
Մատթէոս
կաթողիկոս
ամենայն
Հայոց
ստորագրութեան
ներքեւ
(§ՌԱ.
Բ.
237,
253),
զոր
իբր
իրեն
եղած
պատիւ
մը
կը
համարի
հրատարակիչ
մագիստրոսը
քահանայապետական
գլխոյ
սրբոյ
եկեղեցւոյ
հայաստանեայց,
եւ
մեծափառ
հեղինակին
կողմէ,
Էջմիածնի
սինոդին
միջնորդութեամբ
(§ՌԱ.
Բ.
237):
Շահնազարեան
իր
կանխաւ
յայտարարութիւնը
յիշելով
տարի
մը
ետքը
հերքումը
կը
հրատարակէ
Փարիզի
մէջ
1862
յունիս
30-ին
(ԴԱՇ.
10),
եւ
նոյն
հատորի
մէջ
կը
միացնէ
Դաշանց
թուղթին
օրինակը
(ԴԱՇ.
11-30),
ու
Մատթէոսի
պաշտպանութիւնն
ալ
(ԴԱՇ.
31-53):
Մատթէոսի
բոլոր
փաստերուն
հիմը
Ագաթանգեղոսի
պատմութեան
գրածն
է,
ուր
յիշուած
է
Գրիգորի
եւ
Տրդատի
տիեզերական
քաղաք
երթալը,
եւ
Դաշանց
թուղթին
Ագաթանգեղոսի
պատմութեան
վերջը
տպուած
ըլլալը
(ԱԳԱԹ.
371-348),
ուսկից
կը
հետեւցնէ
թուղթին
նոյն
իսկ
Ագաթանգեղոսէ
գրուած
ըլլալը
(§ՌԱ.
Բ.
238,
242),
եւ
իբր
ստուգաբան
վկաներ
կը
յիշէ
յետին
ժամանակաց
հայ
պատմագիրները,
Ստեփանոս
Ասողիկ,
Յովհաննէս
պատմաբան,
Ներսէս
Շնորհալի,
Յովհաննէս
Վանական,
Վարդան
Բարձրբերդցի,
Կիրակոս
Գանձակեցի,
մինչեւ
իսկ
Միքայէլ
Չամչեան:
Նմանապէս
Վրթանէսի
նամակին
մէջ
Կոստանդիանոսի
եւ
Տրդատի
միջեւ
պայման
ուխտի,
եւ
Յովսէփի
նամակին
մէջ
յիշատակարան
նախնեաց
բացատրութիւնները
գտնելով
Դաշանց
թուղթին
վրայ
կը
մեկնէ,
եւ
ոչ
թէ
քաղաքական
իրաց
վրայ,
զի
հոգի
առաւել
քան
զմարմին,
եւ
Կոստանդիանոս
եւ
Տրդատ
հարկաւ
աւելի
հոգեւորական
սիրոյ
եւ
միաբանութեան
ուխտ
հաստատած
կ՚ըլլան
քան
քաղաքական
դաշնադրութիւն:
Այս
չափով
Դաշանց
թուղթը
իբր
ստուգապատում
գրուած
ընդունելով,
կը
դառնայ
յարձակիլ
Մխիթարեանց
դէմ,
որ
զայն
Ագաթանգեղոսի
հետ
չեն
հրատարակած,
իբր
թէ
նախանձելով
այն
փառաւորութեանց
եւ
իրաւանց
եւ
շնորհաց
համար
զորս
Սեղբեստրոս
ընծայած
է
Լուսաւորչին,
եւ
կը
ջանան
անյայտ
ընել
այն
հրաշագործութիւնները,
զորս
Լուսաւորիչը
կատարած
կ՚ըլլայ
Հռոմի
մէջ,
եւ
կը
գոչէ,
Տեսէ'ք
չար
նախանձու
դառնադառն
պտուղը
(§ՌԱ.
Բ.
257):
Մատթէոսի
պաշտպանութեան
ընդհանուր
գիծերը
վերլուծելով
զանց
կ՚ընենք
երկրորդական
կէտերու
մտնել,
միայն
թէ
քննադատական
ուղղութեան
հետքն
իսկ
չենք
գտներ,
ոչ
իր
միտքին
մէջ
եւ
ոչ
իր
գրիչին
ներքեւ:
2747.
ԱՆՈՐ
ՀԵՐՔՈՒՄԸ
Եւ
ճիշդ
այդ
քննադատական
ուղղութեամբ
կը
զօրանայ
Շահնազարեան
իր
Դաշանց
թղթոյ
քննութիւնն
ու
հերքումը
հրատարակութեան
մէջ
(ԴԱՇ.
55-144):
Նախ
համառօտակի
կը
քաղէ
Դաշանց
թուղթի
ստուգութեան
կամ
անվաւերութեան
մասին
Կ.
Պոլսոյ
մէջ
տեղի
ունեցած
հակաճառութիւնները
(ԴԱՇ.
55-64),
որոնց
մենք
ալ
ակնարկեցինք
(§
2746),
յետոյ
կը
ցուցնէ
թէ
Դաշանց
թուղթի
հնագիր
օրինակ
բնաւ
չկայ,
ոչ
Ագաթանգեղոսի
հետ
եւ
ոչ
առանձինն
(ԴԱՇ.
64-65),
եւ
կ՚անցնի
մի
առ
մի
բացատրել
հայ
պատմագիրներէն
Մատթէոսի
յառաջ
բերած
վկայութիւնները,
եւ
կը
գտնէ
որ
ոմանք
Գրիգորի
անունը
չունին,
ուրիշներ
եկեղեցական
շնորհաց
խօսք
չեն
ըներ,
ամէնն
ալ
յետին
դարերու
կրկնողներ
են,
եւ
Դաշանց
թուղթի
մը
գոյութեան
բնաւ
նշան
կամ
ակնարկ
չեն
ընծայեր
(ԴԱՇ.
66-71):
Թուղթին
մէջ
գտնուած
պատմական
յիշատակութիւնները
պրպտելով
մի
առ
մի
յառաջ
կը
բերէ
անժամանակութեան
հանգամանքները,
այսինքն
Դաշանց
թուղթի
գրութեան
ենթադրեալ
ժամանակէն
դարեր
ետքը
տեղի
ունեցած
դէպքեր
կամ
դէմքեր
կամ
կոչումներ,
եւ
այդ
առթիւ
քաղուած
մըն
ալ
կը
կազմէ
թուղթին
պարունակութեան
(ԴԱՇ.
71-91),
եւ
յետոյ
մի
առ
մի
կը
թուէ
թուղթին
անստուգութեան
կամ
անվաւերութեան,
եւ
վերջին
դարերու
յերիւրած
մի
գրութիւն
ըլլալուն
ապացոյցները.
1.
Նախընթաց
լեզուէն
եւ
գրականութենէն
օտար
ոճը
եւ
անճոռնի
եւ
քառականգուն
բառերը,
2.
Թուրքերէնէ
եւ
թաթարերէնէ
եւ
արաբերէնէ
փոխանցեալ
բառերը,
3.
Գործածուած
գաղղիերէն
բառերը,
եւ
4.
Պատմական
սխալները
եւ
ստութիւնները
եւ
անհաւատալիքները,
որոնց
կարգին
70,
000
զօրաց
բանակով
ուղեւորութեան
պարագայն
(ԴԱՇ.
92-98):
Շարունակելով
յառաջ
բերել
պատմական
եւ
ժամանակագրական
եւ
աշխարհագրական
ստութիւնները
կը
յիշէ
1.
Գեգռեհոնի
յարձակման
թուականը,
2.
Քրիստոսի
ահագին
ու
անգին
արիւնը
թանաքի
տեղ
գործածելը,
3.
Թշնամեաց
թշնամի
ըլլալու
յայտարարութիւնը,
4.
Սագաստան
եւ
Տելմաստան
երկիրներէն
առաջինին
կայսրութենէն
դուրս
եւ
երկրորդին
անգոյ
ըլլալը,
5.
Նոյնպէս
Ատրպատական
եւ
Արաբ
երկիրներէն
առաջինին
կայսրութենէն
դուրս
եւ
երկրորդին
արաբական
կոչում
ըլլալը.
6.
Խաչի
գտնուելուն
թուականին
տարբերութիւնը.
7.
Խաչի
երեւման
տեղւոյն
եւ
գետնին
տարբերութիւնը,
8.
Կոստանդիանոսի
հիւսիսականներէն
պարտուելուն
թուականը,
9.
Խաչի
երեւումէն
ետքը
հալածում
հանելու
պարագան.
10.
Կոստանդիանոսի
Սեղբեստրոսէն
բժշկուելուն
դէպքը.
11.
Լուսաւորչի
Սեղբեստրոսէ
ձեռնադրուած
ըլլալը.
12.
Հայոց
աթոռին
ինքնագլխութիւն
տալը.
13.
Բեթղեհէմը
Տրդատի
պարգեւելը
(ԴԱՇ.
99-111):
Այդ
բացատրութենէն
ետքը
ինքզինքը
գայթակղած
կը
զգայ
Ամենայն
Հայոց
Կաթողիկոսի
մը
բերնով
Հայոց
դէպի
Հռոմ
հրապուրուիլը
(ԴԱՇ.
114):
Իբր
վերջաբան
ազգին
ապագային
համար
երեք
առաջարկութիւններ
ընդարձակօրէն
կը
բացատրէ,
որոնք
են,
ազգային
կեդրոնէն
բաժնուած
ճիւղերը
դարձեալ
միաւորել,
գրաւոր
եւ
հաստատ
օրէնք
մը
ունենալ,
եւ
ազգին
մէջ
ուսում
եւ
արուեստ
եւ
ոգի
աճեցնել
(ԴԱՇ.
115):
Այս
է
Շահնազարեանի
հերքմնագիրին
ամփոփումը,
որ
յաղթական
կերպով
կը
խախտէ
Մատթէոսի
պաշտպանողականը,
եւ
արդէն
այսօր
այլ
եւս
Դաշանց
թուղթը
չունի
եւ
ոչ
մի
պաշտպան:
Իսկ
լատիններուն
կողմէն
հրատարակուած
ըլլալը,
որ
Մատթէոսի
համար
փաստ
կը
կազմէ
(§ՌԱ.
Բ.
254),
բնաւ
նշանակութիւն
չունի,
զի
Բոլլանդեան
վկայաբանք,
որ
Լատինաց
համար
հեղինակութիւն
են,
հիմնովին
կը
մերժեն
Տրդատի
եւ
Լուսաւորչի
Հռոմ
երթալը
(ԱԹՌ.
59),
եւ
միւս
կողմէն
գիտնականներ
անվաւեր
գրուածներն
ալ
կը
պահեն
եւ
կ՚ուսումնասիրեն
իբրեւ
հերքման
փաստեր:
Աւելցնենք
նաեւ
ինչ
որ
կանխաւ
մենք
ալ
դիտել
տուած
ենք,
թէ
Հռոմի
աթոռին
կողմէն
Հայոց
առանձնաշնորհութիւններ
տրուիլը
եւ
անոնց
զօրութեամբ
արեւելեան
եկեղեցիներու
իրաւասութեանց
փոփոխուիլը,
ժամանակին
հոգւոյն
եւ
սովորութեանց
եւ
յարաբերութեանց
հետ
բոլորովին
անհաշտ
ենթադրութիւն
մըն
է
(§
76):
Նմանապէս
նկատուելու
արժանի
է,
թէ
եկեղեցական
պատմութիւնը
կը
վկայէ
եւ
ժողովական
կանոններ
կը
հաստատեն,
թէ
ոչ
մեծ
եւ
ոչ
փոքր
աթոռներ
չեն
կրնար
ուրիշ
վիճակներու
կառավարութեանց
եւ
ձեռնադրութեանց
միջամտել,
եւ
անհնար
էր
որ
Հռոմ
կարենար
ուրիշ
աթոռի
վրայ
գործել,
վիճակը
զատել
եւ
ինքնագլուխ
ընել
(ԱԹՌ.
55):
Աւելցնենք
նաեւ
թէ
Լիկիանոսի
հալածանքին
եւ
Կոստանդիանոսի
Բիւզանդիա
փոխադրուելուն
պարագաները
անհաւատալի
կը
դարձնեն
Հռոմի
ուղեւորութիւնը,
թէ
Լուսաւորչի
այցելութեան
շրջիլը
իր
կենցաղական
ուղղութեան
անյարմար
է,
եւ
թէ
Ներոնի
օրով
64
տարի
Հայոց
թագաւոր
Տրդատի
մը
պատմութիւնն
է,
որ
ամբողջական
պարագաներով
324-ին
ապրող
Տրդատի
մը
վերագրուած
է
յայտնի
թիւրիմացութեամբ
(§
76),
եւ
Ագաթանգեղոսի
պատմութեան
ներմուծուելով
յետագաներէն
ալ
միամտաբար
կրկնուած
է:
Ցորչափ
օտարներ
կամ
օտարամիտներ
են
որ
առաքելական
հաստատութիւն
ունեցող
աթոռ
մը
Հռոմի
պարգեւաբաշխութեան
կ՚ուզեն
ստորնացնել,
զարմանալու
կէտ
մը
չէ,
բայց
ցաւալի
պարագայ
մը
եղած
է
անոնց
ձայնակից
տեսնել
վերջին
ատեններու
մէջ
Մատթէոս
Ա.
կաթողիկոսը
(ԱՊՏ.
109):
2748.
ՄԱՏԹԷՈՍԻ
ԵՐԿԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՔ
Եթէ
համարձակ
կը
մեղադրենք
Մատթէոսի
պահպանողական
մենամոլութիւնը
պատմական
նիւթերու
մէջ,
նոյնը
պէտք
չէ
տարածենք
երբոր
խնդիրը
Հայոց
եկեղեցւոյ
դաւանութեան
եւ
անոր
ուղղափառութեան
շուրջը
կը
դառնայ,
որոնց
պաշտպանութեան
հոգեւին
նուիրեալ
մըն
է
Մատթէոս:
Նա
երբոր
կացութենէն
եւ
պարագաներէն
դժգոհ
քաշուած
կեանքի
շրջանակը
նախընտրեց,
եւ
վշտալի
անձի
կերպարանը
զգենլով
մինչեւ
իսկ
պաշտօնական
գործունէութենէ
հրաժարածի
ձեւն
առաւ,
ինքզինքը
պարապորդ
անգործութեան
չտուաւ,
այլ
կրօնական
հրատարակութեանց
ճիւղը
մշակեց,
որ
անդստին
սկիզբէն
իր
սիրելագոյն
զբաղումն
էր
եղած,
եւ
մինչեւ
տասերկու
հատոր
գիրք
թողած
կ՚ըսուի
զանազան
կրօնական
բովանդակութեամբ
(ՀՄՌ.
96):
Ասոնցմէ
յիշեցինք
Յայսմաւուրքը,
Խորհրդածութիւնը,
Հանդիսարանը
եւ
Բարի
մարդը
(§
2692),
եւ
այս
անգամ
ալ
Դաշանց
թղթոյն
ստուգութիւնը
(§
2746):
Իսկ
կաթողիկոսութեան
ատեն
հրատարակած
գործերուն
գլխաւորն
է
Ներածութիւն
աստուածաբանական
տեղեաց,
1862-ին
պատրաստուած
եւ
1863-ին
տպուած
Շուշիի
տպարանին
մէջ
Շուշեցւոց
ծախքով,
որ
ընդարձակ
ոճով
քրիստոնէական
վարդապետութիւն
մըն
է
ինը
գլուխներու
բաժնուած,
որոնց
նիւթերն
են.
1.
Աստուածաբանութիւն,
2.
Տեղիք,
3.
Շնորհք,
4.
Ստորոգութիւնք.
5.
Յայտնութիւն,
6.
Երրորդութիւն,
7.
Մարդեղութիւն,
8.
Պարգեւք,
9.
Հոգին
սուրբ,
որոնց
մէջ
հաւաքուած
են
հոծ
կերպով
Սուրբ
Գիրքէն
եւ
սուրբ
հայրերէն
վկայութիւններ,
թէպէտ
կը
պակսին
անոնց
կապակցութիւններն
ու
բացատրութիւնները,
եւ
որ
200
երեսէ
լաւ
հատոր
մը
կը
կազմեն:
Միւս
այլ
հրատարակութիւնն
է
Դիտողութիւն
ճշմարտութեան
սուրբ
աւետարանի
Յիսուսի
Քրիստոսի,
1863-ին
հրատարակուած
Տփղիս
42
երեսէ
գրուած
մը,
որուն
առիթ
տուած
է
Փարիզի
մէջ
1854-ին
տպուած
աւետարանի
Համաբարբառը
Վարք
տեառն
մերոյ
Յիսուսի
Քրիստոսի
վերտառութեամբ:
Այդ
վերտառութիւնը
եւ
ինչ
ինչ
ուրիշ
գրական
բացատրութիւններ
անճահ
երեւցած
են
Մատթէոսի,
մանաւանդ
Վարք
ըսելը
փոխանակ
Աւետարան
ըսելու
եւ
աւետարանական
բացատրութեանց
գրական
իմաստ
տալը,
եւ
այդ
նպատակով
տասը
գլուխներ
շարադրած
է
միշտ
իր
սիրած
ոճով,
վկայութեանց
կուտակութեամբ:
Թէպէտ
Բարիզ
Մուրատեանէն
ելած
եւ
Այվազեան
Գաբրիէլ
վարդապետի
աշխատասիրութեամբ
կատարուած
հրատարակութիւնը
հեռի
էր
այն
հոգիէն,
որով
կազմուած
էր
Նիկողոս
Զօրեանի
Յիսուսի
վարուց
համառօտ
պատմութիւնը
(§
2637),
սակայն
նոյն
իսկ
վարք
բառը
բաւական
եղաւ
Մատթէոսի
ընդդիմաբանութեան,
որ
թերեւս
տեղեկութիւն
չունէր
թէ
այդ
բառը
հռոմէական
եւ
կրօնամոլ
հեղինակներու
կողմէն
ալ
գործածուած
է:
Այվազեան
վարդապետի
գործերէն
Մատթէոսի
քննադատութեան
ենթարկուեցաւ
Մեկնութիւն
խորհրդոյ
եւ
արարողութեանց
սրբոյ
պատարագի
դասատետրն
ալ,
Թէոդոսիա
հրատարակուած
Խալիբեան
ուսումնարանի
տպարանէն,
որուն
մէջ
տասնուհինգ
սխալմունքներ
կը
զատէ
կաթողիկոսը
եւ
մի
առ
մի
կը
հերքէ
փոքր
հատորով
մը,
1863-ին
Էջմիածին
տպուած
եւ
85
երեսէ
բաղկացած:
Մենք
աչքէ
անցընելով
տեսանք
որ
Մատթէոս
խորհրդաւոր
իմաստէն
զատ
ուրիշ
մեկնութիւն
չհանդուրժեր,
եւ
գրական
ու
պատմական
բացատրութիւնները
սխալմունք
կը
դատէ,
մինչ
առ
առաւելն
զանցառութիւն
կրնար
ըսուիլ`
գրական
եւ
պատմական
իմաստներուն
քով
խորհրդաւոր
իմաստն
ալ
չաւելցնելը:
Միւս
տարին
1864-ին
ուրիչ
հատոր
մըն
ալ
հրատարակեց
Մատթէոս
նոյնպէս
Ս.
Էջմիածնի
տպարանէն
ելած,
169
երես
հատոր
մը,
որուն
մակագրութիւնն
է,
Առաջնորդ
լուսաշաւիղ
ճանապարհին
յաւիտենական
կենաց,
յօրինեալ
ի
յորդոր
մանկանց
ուղղափառ
սուրբ
եկեղեցւոյ,
առ
ի
բարւոք
ընթանալ
եւ
հասանել
յերանաւէտ
ժառանգութիւն
փառաց
երկնից
արքայութեան:
Գործը
13
գլուխներ
կը
պարունակէ,
նիւթ
ունենալով
աւետարանական
բարոյականը,
հաւատքն
ու
պատուիրանները
ու
եկեղեցիքն
եւ
նմանիք:
Ոճը
իրեն
սեփականն
է,
վկայութեանց
կուտակութիւն
եւ
խորհրդաւոր
իմաստներու
հետեւողութիւն,
որոնք
թէպէտ
հեղինակին
միտքով
վեհութիւն
կը
սեպուին,
բայց
գործնականութիւն
չեն
արտադրեր:
Նոյն
ոճով
է
եւ
Ուղեցոյց
քրիստոնէական
ուղղափառ
վարդապետութեան
գործը,
1861-ին
տպուած
Մոսկուա,
որ
կրնայ
քրիստոնէական
վարդապետութեան
առձեռն
դասագիրք
մը
նկատուիլ:
Մեր
յառաջ
բերած
գործերը
10
թիւը
կը
լրացնեն
եւ
եթէ
Խորհրդածութիւն
գործին,
նախ
գրաբար
1842-ին
եւ
1847-ին,
եւ
յետոյ
աշխարհաբար
1848-ին
եւ
1862-ին
տպագրութիւնները
զատզատ
համրենք,
կրնայ
լրանալ
նախապէս
յիշատակուած
12
թիւը
(ՀՄՌ.
96),
զի
մենք
Մատթէոսի
ուրիշ
հրատարակութեան
չհանդիպեցանք:
Մատթէոսի
գրական
արժանիքը
գնահատած
ատեննիս,
պէտք
է
զինքը
առաջնակարգ
մանաւանդ
թէ
տիրապէս
առաջին
դէմք
մը
ճանչնալ
ժամանակին
եկեղեցականութեան
մէջ,
որ
սակայն
թէ
ընդհանրապէս
կապուած
է
տիրող
ոճին
հետ,
եւ
թէ
անհատապէս
նոյն
ոճին
սիրահար
մշակող
մըն
է,
որ
ներկայ
ժամանակներու
մէջ
ոչ
եւս
կրնայ
գործնական
օգտակարութիւն
ունենալ:
Իրեն
համար
սեւեռեալ
գաղափարներ
ալ
ունի,
որոնք
չեն
կրնար
այլեւս
պաշտպանուիլ
այժմեան
քննադատ
ոճին
առջեւ,
բայց
ինչ
որ
ժամանակին
բերմունքն
է
անհատին
վրայ
մեղադրելի
չի
դառնար:
2749.
ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆ
ԵՒ
ՀՐԱԺԱՐՈՒՄՆ
Մինչեւ
հիմա
տրուած
բացատրութիւններ
եւ
յառաջ
բերուած
եղելութիւններ
բաւական
են
հետեւցնելու
թէ
աննախանձելի
վիճակ
մը
կը
տիրէր
Մայրաթոռոյ
մէջ,
երբոր
աթոռին
եւ
գործին
տէրը
զայն
լքած
եւ
գործէն
օտարացած,
ուրիշներու
ձեռք
թողած
էր
անկախ
եւ
աղիկամի
կերպով
գործեր
տնօրինել,
որոնցմէ
ինքն
անմասն
չէր
կրնար
ըսուիլ,
քանի
որ
պօլօժէնիական
ձեւակերպութեանց
հետեւողութեամբ
պարտաւոր
էր
սինոդական
որոշումները
իր
ստորագրութեամբ
լրացնել,
եւ
կերպով
մը
չըրած
գործին
պատասխանատուութիւնը
ստանձնել:
Այդ
կացութիւնը
կը
քաջալերէր
պղտոր
ջուրի
ձկնորսները,
իրենք
ալ
իրենց
կողմէն
խնդիրներ
յուզել
եւ
պահանջումներ
բարձրացնել
բան
մը
ձեռք
ձգելու
ակնկալութեամբ,
եւ
անձնականութիւններ
եւ
կուսակցութիւններ
մշակել
որեւէ
ելքի
մը
հասնելու
համար:
Բաւական
խառնակ
կացութիւն
մը
երեւակայել
կու
տան
մեզ
այդ
պարագաները,
որոնց
ներքինը
թափանցելու
եւ
գործիչները
ճանչնալու
աղբիւրները
չունինք
եւ
համառօտ
ակնարկներով
կը
պարտաւորուինք
գոհանալ
(ՄԵԼ.
608):
Առաջնորդութենէ
մերժուած
եկեղեցականաց
յիշատակութիւնը
կը
գտնենք
առանց
անուններու,
որոնք
մինչեւ
իսկ
կը
յաւակնին
դիմումներ
կազմել,
որպէսզի
ազգին
կաթողիկոսն
աթոռէ
ձգուի:
Ամբաստանագիր
ալ
կը
կազմեն,
116
յօդուած
յանցանքներ
պարունակելով
Մատթէոսի
վրայ,
եւ
կ՚ենթադրենք
որ
ոչ
թէ
տիրապէս
հարիւր
տասնուվեց
յանցանքներ,
այլ
պարզապէս
դիպուածներ
յառաջ
բերած
կ՚ըլլան,
որոնք
միեւնոյն
ամբաստանութեան
շուրջը
պէտք
էր
դառնային,
այն
է
աթոռի
հոգածութեան
զանցառութիւն
եւ
լքում:
Ընդարձակ
ցուցակը
չունինք
որ
դիտողութիւննիս
ընդարձակենք:
Ամբաստանագիրը
ազգային
շրջանակի
մէջ
կ՚ուղարկուի
զանազան
քաղաքներ,
ուր
ուրեք
որ
կարեւոր
հայաբնակութիւններ
կը
գտնուին,
թէ
Ռուսիոյ
մէջ
եւ
թէ
Ռուսիայէ
դուրս,
բայց
չծառայեր
այն
նպատակին,
որուն
կը
դիմէին
ամբաստանողները:
Ժողովուրդը
աւելի
խոհական
քան
Մայրաթոռոյ
դժգոհ
միաբանները,
բացէբաց
կը
մերժէ
կաթողիկոսը
պաշտօնանկելու
գաղափարը,
եւ
միաբանութեան
գլխուն
եւ
անդամոց
մէջ
անհամաձայնութեան
նշան
մը
տեսնելով
կ՚աճապարէ
ռուսահայ
քաղաքներէ
պատգամաւորներ
յղելով
կաթողիկոսն
ու
Էջմիածնի
միաբանութիւնը
իրարու
հետ
հաշտեցնել:
Ոflվ
էին
եկողները,
իflնչ
կէտեր
քննութեան
առնուեցան,
իflնչ
դերեր
կատարուեցան,
պիտի
չկարենանք
բացատրել
աղբիւրներ
չունենալով,
բայց
կ՚ենթադրենք
թէ
Մատթէոս
յանձնառու
եղած
չէ
գործերուն
լիովին
պատասխանատուութիւնը
ստանձնել,
եւ
սինոդը
օրինապէս
իրաւասու
եւ
պատասխանատու
մարմին
մը
ըլլալուն,
գործերուն
ընթացքը
անոր
յանձնուած
է,
եւ
այս
է
ըսելը
թէ
Մատթէոս
իսպառ
գերի
կը
դառնայ
ոմանց
ձեռքը,
եւ
թէ
կը
սկսի
Ռուսիոյ
տէրութեան
եւ
Սինոդի
կամակատար
ծառայն
լինել:
Բայց
այս
դերը
նոր
բան
մը
եղած
չըլլար,
զի
Մատթէոս
իր
դժգոհ
եւ
գժտմնեալ
ընթացքովը
այն
կ՚ընէր
արդէն,
միայն
ձեւը
օրինաւորութիւն
զգեցած
կ՚ըլլայ:
Միեւնոյն
կ՚ըլլայ
Տաճկահայոց
կարծիքն
ալ,
եւ
անոնց
ալ
միջամտութեամբ
կը
խափանի
Մատթէոսի
պաշտօնանկութեան
դիտումը:
Բայց
գլխաւորապէս
ինքն
Մատթէոս
իր
վեհանձնութեամբ
դիւրացուցած
է
այդ
ելքը:
Երբոր
առաջին
շշուկներ
կը
լսուին,
կառավարութեան
կողմէ
յատուկ
պաշտօնեայ
մը
քննութեան
կը
յղուի
որ
Մատթէոսէ
շարժումի
գլուխներուն
անունները
կը
պահանջէ
խստութեամբ
լռեցնելու
համար
այլ
Մատթէոս
բացէբաց
կը
մերժէ
անուններ
տալ,
յայտարարելով
թէ
ինքն
հայր
մըն
է
որ
չի
կրնար
զաւակներն
ատել,
այլ
պարտի
անոնց
անխորհուրդ
գործերը
ներել:
Պաշտօնեայն
ձեռնունայն
կը
դառնայ,
բայց
ահի
եւ
սարսափի
մատնուած
միաբաններ
կը
զգածուին
կաթողիկոսին
ընթացքէն
եւ
ներում
հայցելով
ետ
կը
քաշուին,
մանաւանդ
թէ
կաթողիկոսի
պաշտպաններ
կը
դառնան:
Այսպէս
ազգայնոց
պատգամաւորները
գետինը
պատրաստ
կը
գտնեն
երբոր
հաշտութիւն
գոյացնելու
կու
գան:
Նոյն
կերպով
նաեւ
Մատթէոսի
հրաժարումը
կը
խափանուի,
զի
պահ
մը
նա
ալ
եւ
կաթողիկոսութենէ
հրաժարիլ
եւ
տէրութենէ
թոշակ
ստանալով
առանձնական
կեանք
վարել
մինչեւ
իւր
մահը,
եւ
եթէ
յաջորդի
ընտրութիւնը
դժուարութեան
հանդիպի,
գոնէ
ինքը
պատասխանատուութենէ
զերծ
մնայ
իւր
պաշտօնը
մի
տեղապահի
յանձնելով
(ՄԵԼ.
608-609):
Մատթէոս
իր
աթոռին
վրայ
հաստատուելով
կը
մտածէ
Մայրաթոռին
մէջ
նորակառոյց
դպրոց
մը
հիմնել
եւ
պատրաստութեանց
կը
ձեռնարկէ,
սակայն
չհասնիր
միտքը
գործադրութեան
դնել
(ՄՈՎ.
370):
Այսպէս
թէ
այնպէս
յուզում
ուզողներ
նպատակին
չեն
հասնիր,
բայց
կացութիւնն
ալ
իսկապէս
չփոփոխուիր:
2750.
ՄԱՏԹԷՈՍԻ
ՄԱՀԸ
Անոնք
որ
յուզում
գրգռելու
նպատակով
մէջտէղ
նետուած
էին,
կրնային
աստիճան
մը
գոհ
ըլլալ
Մատթէոսի
ձեռներէցութիւնը
պաշտօնապէս
ամփոփուած
տեսնելով,
բայց
վստահութիւն
չէին
կրնար
զգալ
գիտնալով
որ
Մատթէոս
փոփոխամտութեան
ենթակայ
անձն
լինելով,
անշուշտ
օր
մը
պիտի
վերստին
իրենց
դէմ
լինի:
Բայց
ինչ
որ
սովորական
խօսից
մէջ
փոփոխամտութիւն
կ՚ըսուէր,
ներքին
իմաստով
բան
մը
աւելի
ճանչցուած
էր,
ջղագրգռութիւնը
մինչեւ
ջղագարութեան
մղուած,
եւ
ամենէն
տարադէպ
եւ
տարօրինակ,
մանաւանդ
թէ
անօրինակ
եւ
անպատշաճ
աստիճանի
հասած:
Մինչեւ
այսօր
այնպիսի
միջադէպներ
կը
պատմուին
Մատթէոսի
գործերուն
վրայ,
որ
անհաւատալի
ըլլալու
չափ
պարագաներ
կը
ներկայեն,
եւ
մեզի
բաւական
սեպուի
այդչափն
ալ
ակնարկած
ըլլալ:
Ասոր
հետ
մէկ
տեղ
այնպիսի
կանխամտածութեան
եւ
ճարտարութեան
գործեր
ալ
կը
յիշուին,
որ
չես
գիտեր
թէ
կեղծիք
մըն
էր
իր
տարօրինակութիւնը,
թէ
ոչ
վայրկենական
ազդեցութեանց
հետեւանք:
Այդ
վերջին
կէտն
էր
որ
շփոթի
կը
մատնէ
յուզմանց
պետերը,
որոնք
կը
խիթային
թէ
երբ
պահ
մը
իրենցմէ
վրէժ
լուծելու
գաղափարը
ծագի
միտքին
մէջ,
կարող
է
իրենց
գլխուն
ծանր
խաղեր
խաղալ
եւ
իր
ձեռնարկներուն
մէջ
յաջողիլ:
Այդ
տպաւորութեանց
եւ
այդ
վախերու
ներքեւ
զանազան
նորանոր
խորհուրդներ
յղանալու
կը
զբաղին,
որոնք
Մատթէոսի
ձեռքէն
ազատ
մնալու
նպատակով
մինչեւ
իսկ
որեւէ
միջոցով
եւ
կերպով
կրնային
յառաջել:
Այդ
ամէն
դարձուածները
որ
1864-ին
սկսած
էին
եւ
1865-ին
տակաւ
հասուննալու
կը
դիմէին,
յանակնկալս
կը
դադրին
Մատթէոսի
յանկարծ
մեռնելովը,
երբ
տակաւին
ոչինչ
նախատեսել
կու
տար
անոր
վախճանը,
զի
առողջութիւնը
լաւ
էր
եւ
ջղագրգիռ
անձեր
շուտով
չեն
ընկճուիր
(ՄԵԼ.
609):
Կարճօրեայ
հիւանդութիւնից
յետոյ
տեղի
ունեցած
է
անակնկալ
մահը
1865
օգոստոս
22-ին
(ԶԱՄ.
Բ.
166):
Վերափոխման
ութերորդ
օրը
կիրակի,
իսկ
հանդիսական
յուղարկաւորութեան
մտադրութիւն
չդարձուիր,
այլ
աճապարանօք
կը
թաղուի
իբր
ժանտախտահար
(ՄԵԼ.
609)
Ս.
Գայիանէի
վանքում
(ԶԱՄ.
Բ.
166),
Մայրտաճարի
բակէն
դուրս,
թէպէտ
վերջերը
սովորութիւն
եղած
էր
կաթողիկոսները
այդ
բակին
մէջ
թաղել,
Մայրտաճարի
ճակատին
առաջը:
Մատթէոս
63
տարեկան
էր
տակաւին,
որ
ծանր
տարիք
մը
չէ,
տկարակազմ
ալ
չէր,
հիւանդութիւնն
ալ
երկարատեւ
չեղաւ,
այսուհանդերձ
թունաւորման
կասկածը
որ
այսպիսի
պարագաներուն
դիւրութեամբ
երեւան
կու
գայ,
Մատթէոսի
համար
զրուցուած
չէ:
Հիւանդութեան
անունն
ալ
յիշուած
չենք
գտներ,
եւ
իբրեւ
ժանտախտահար
բացատրութիւնն
ալ,
աւելի
թաղման
աճապարանքը
ցուցնելու
համար
ըսուած
է,
քան
թէ
հիւանդութիւնը
ճշդելու:
Օծումն
ալ
հանդիսաւոր
չէր
եղած
(§
2698),
նոյնպէս
եղաւ
եւ
թաղումը,
անանկ
որ
Մատթէոս
Էջմիածինի
մէջ
փառաւորութեան
օր
չունեցաւ,
թէպէտ
շատ
փառաւորուեցաւ
ընտրութենէ
ետքը
Կ.
Պոլիս
անցուցած
օրերը:
Մատթէոսի
մասին
ըսելիքնիս
փակելու
համար
մենք
ալ
կը
վարանինք
վճռական
եւ
ամբողջական
բան
մը
ըսել
անոր
նկարագիրին
եւ
արդիւնքին
եւ
արժանիքին
վրայ:
Իբրեւ
գրական
մարդ
լաւագոյն
եղաւ
իր
ժամանակի
եկեղեցականութեան
մէջ
իբր
հմուտ
եւ
իբր
երկասիրող,
թէպէտ
մեղադրելի`
քննադատութենէ
զուրկ
եւ
գործնական
տեսակէտէն
թերի
ըլլալուն
համար:
Իբր
գործիչ
եւ
պաշտօնական
անձ
բաւական
արդիւնաւոր
շրջան
մը
ունեցաւ
կաթողիկոսութենէ
առաջ,
թէպէտ
զայն
չարդարացուց
կաթողիկոսական
աթոռին
վրայ:
Իբր
ճարտար
եւ
հնարագէտ,
գեղեցիկ
միջադէպներ
կը
պատմուին
դժուարութիւններէ
ազատելու
կամ
նպատակը
իրագործելու
մէջ,
թէպէտ
յաճախ
այդ
յաջողութիւնը
այլանդակութեանց
հասցնելու
չափ
առջեւ
տարած
է:
Ժողովրդական
եւ
ազատական
կենցաղական
խնդիրներու
մէջ
եւ
նախանձայոյզ
իրաւանց
եւ
փառաց
կնճիռներու
մէջ,
թէպէտ
ստէպ
ճշմարիտը
ճշմարտանմանին
հետ
շփոթող,
եւ
քննադատութեան
ու
գնահատման
մէջ
սայթաքող:
Մէկ
խօսքով
բարձրին
եւ
ստորինին,
լաւի
ու
թերիի,
կատարեալի
ու
պակասաւորի
այնպիսի
խառնուրդ
մը,
որ
ոչ
նժարով
ու
կշիռով
հնար
է
ճշդել,
եւ
ոչ
կշռադատութեամբ
եզրակացութեան
մը
յանգիլ:
Իր
տեսակին
մէջ
առեղծուածական
անձ
մը,
որ
ցարդ
յոգնեցուցած
է
եւ
դեռ
շատ
պիտի
յոգնեցնէ
պատմագիրները:
Վերջապէս
մէկ
մը
որ
կաթողիկոսական
աթոռէն
անցաւ,
իր
ետեւէն
շատ
քիչ
յիշատակաց
արժանի
հետք
թողլով,
եւ
որոնց
մասին
ինչ
որ
կրնայինք
ըսել
արդէն
իրենց
կարգին
քաղեցինք
(§
2742-2743):
2751.
ԱՂԹԱՄԱՐԱՅ
ԱԹՈՌԸ
Երբոր
Մատթէոս
դատարկ
կը
թողուր
Մայրաթոռը
թափուր
կրնար
ըսուիլ
Աղթամարայ
կաթողիկոսական
աթոռն
ալ:
Պետրոս
Պիւլպիւլը
որ
հապճեպով
օծուած
էր
այդ
աթոռին
անուամբ,
1858
յուլիս
24-ին
(§
2680),
հանդարտ
օրեր
չէր
անցուցած
եւ
գլխաւորապէս
իրեն
նեղութիւն
տուողները
իր
ձեռնադրած
եպիսկոպոսներն
էին,
իր
վրայ
ալ
կը
պակսէր
զանոնք
զսպելու
եւ
կացութեան
տէր
լինելու
կարողութիւնը:
Օծումէն
երկու
օր
ետքը
ձեռնադրուած
Պօղոնեսցի
Խաչատուր
Շերոյեան,
Խիզանցի
Յակոբ
եւ
Ղազար
գրագիր
երեք
եպիսկոպոսներուն
վրայ
1864-ին
սկիզբը
աւելցած
էր
Նարեկացի
Յովսէփ
Խոստեղեան,
եւ
այդ
չորսերն
էին
որ
գլուխ
ունենալով
Շերոյեանը
մտադրեցին
Պետրոսը
պաշտօնանկ
հռչակել
եւ
իրենցմէ
մէկը
կաթողիկոս
օծել,
եւ
գաղտնիք
չէր
թէ
ո'վ
պիտի
ըլլար
այդ
մէկը,
որ
լեզուի
եւ
գործի
ճարտարութեան
ոսկւոյ
զօրութիւնն
ալ
կրնար
յարակցել
(64.
ՄԱՍ.
664):
Ուստի
1864
տարւոյ
Վարագայ
խաչի
պահոց
շաբթուն
մէջ
կը
վճռէն
նպատակնին
գործադրել
եւ
գործը
յանկարծական
կերպով
լրման
հասցնել
առանց
դիմադրութեան
միջոց
թողլու:
Սեպտեմբեր
25
Վարագայ
պահոց
ուրբաթ
առաւօտ
կանուխ
(ԻԶՄ.
423),
Ախավանքի
դուրսի
տունը
պատրաստութիւններ
կը
սկսին,
Պետրոս
որ
արդէն
լուր
առած
էր
կը
ջանայ
պատրաստութիւնները
խափանել,
մինչեւ
իսկ
անձամբ
եւ
բուռն
ոյժով
կ՚աշխատի
կղզի
գացողները
նաւակէն
դուրս
հանել,
սակայն
Խաչատուրի
ձեռք
առած
միջոցներով
եւ
հաւաքուած
ամբոխին
ձեռքով
ինքն
Պետրոս
բռնի
դուրս
կը
հանուի
նաւակէն
արիւնաթաթաւ
ծովափին
աւազին
վրայ
կը
թողուի:
Իսկ
Խաչատուր
իրեն
ընկերացող
Ղազար
եւ
Յովսէփ
եպիսկոպոսներով
եւ
հետեւորդներով
նաւակին
առագաստները
բացած
Աղթամարայ
կղզին
կը
հասնի,
տաճարը
կը
մտնէ,
եւ
նոյն
օրին
իրեն
ընկերացող
եպիսկոպոսներէն,
շահուած
միաբան
վարդապետներու
աջակցութեամբ,
կաթողիկոս
կ՚օծուի:
Իսկ
Պետրոս
բաւական
ժամանակ
աւազին
վրայ
վիրաւոր
մնալէն
ետքը
կը
փոխադրուի
մօտիկ
Փշավանք
գիւղը
իր
եղբօրորդւոյն
տունը,
բայց
նոյն
գիշեր
ատրճանակի
եւ
դանակի
հարուածներով
կը
սպաննուի
նոյն
տան
մէջ:
Հազիւ
թէ
օծումին
լուրը
Վանայ
մէջ
կը
լսուի,
առաջնորդ
Իգնատիոս
եպիսկոպոս
Գազմաճեան
կառավարիչին
կը
դիմէ
եւ
ապօրինաւոր
գործը
արգելուլ
կը
խնդրէ,
կուսակալն
ալ
հարիւրապետ
մը
եւ
զինուորներ
կը
փութացնէ,
որոնք
սակայն
Պետրոսը
սպաննուած
կը
գտնեն,
եւ
երկու
եպիսկոպոսներ,
երեք
վարդապետներ`
Մխիթար
եւ
Յակոբ
եւ
Յարութիւն,
Փշավանքի
գիւղապետը,
Պետրոսի
եղբօրորդին
եւ
ձիապանը
ձերբակալուելով
Վան
կը
բերեն
հարցափորձի
ենթարկուելու
համար
(64.
ՄԱՍ.
664).
Խաչատուր
Աղթամար
կը
գտնուէր
եւ
ազատ
կը
մնայ:
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքարանը
կը
սպասէ
մինչեւ
որ
նամակով
տեղեկութիւն
ստանայ,
եւ
հոկտեմբեր
30-ի
վարչական
ժողովին
մէջ
Աղթամարայ
տեղապահ
կը
նշանակէ
նոյն
ինքն
Վանայ
առաջնորդ
Իգնատիոս
եպիսկոպոսը,
եւ
անոր
տեսչութեան
ներքեւ
տեղւոյն
վրայ
գործերը
վարելու
համար
տեղապահի
օգնական
կը
նշանակէ
Պօղոս
Մելիքեան
վարդապետը,
որ
Կտուցի
վանահայր
կը
գտնուէր
(64.
ՄԱՍ.
664):
Այս
որոշմամբ
իբրեւ
չեղեալ
նկատուած
եղաւ
Խաչատուր
Շերոյեանի
կաթողիկոսական
օծումը,
որ
արդէն
իր
մէջ
ոչ
մի
օրինական
պայման
ունէր,
ոչ
աթոռոյ
պարապութիւն,
ոչ
կեդրոնի
հաստատութիւն
եւ
ոչ
ծիսական
պայմաններու
համաձայնութիւն:
Իսկ
խնդիրին
լուծումը
թողուեցաւ
պաշտօնական
քննութեանց
եւ
սահմանադրական
ձեւակերպութեանց
ընթացքին:
Այս
միջոցին
էր
որ
Մայրաթոռոյ
պարապութիւնն
ալ
տեղի
ունեցաւ
1865
օգոստոս
22-ին
(§
2750),
1864
սեպտեմբեր
25-ի
արկածալից
իրողութենէն
11
ամիս
ետքը,
որուն
մասին
Մատթէոսի
կողմէն
քայլ
մը
առնուած
չէր:
2752.
ԽԱՉԱՏՈՒՐ
ՇԵՐՈՅԵԱՆ
Խաչատուր,
որ
այդ
կերպով
կաթողիկոս
կը
հռչակուէր,
1819-ին
ծնած
45
տարեկան
էր
արդէն,
որդի
Պողոնիս
գիւղը
հաստատուած
բնիկ
ասորի,
այլ
հայադաւան
դարձած
Շերոյի,
տղայութեան
Աղթամար
մնացած
էր
Մոկացի
Խաչատուր
կաթողիկոսի
մօտ,
յետոյ
անկէ
արտաքսուած
եւ
Կտուց
անցած,
անկէ
ալ
Էջմիածին
անցած,
Խաչատուր
վարդապետի
աշակերտած,
եւ
ասոր
մահուան
առթիւ
սնտուկը
ներքեւէն
քակած,
մէջի
դրամները
եւ
արժէքաւոր
իրերը
կողոպտած
եւ
Էջմիածինէ
խոյս
տուած
եւ
կրկին
Մոկացի
Խաչատուրէ
ընդունուած,
21
տարեկան
եղած
ատեն
1840-ին
սարկաւագ,
եւ
քիչ
ետքը
աբեղայ
եւ
վարդապետ
ձեռնադրուած:
Մոկացին,
որոյ
մասին
խօսած
ենք
արդէն,
1851-ին
մեռաւ
(§
2679),
եւ
այս
պատճառով
տեղի
ունեցած
անցքերուն
եւ
Պետրոսի
կաթողիկոսանալուն
մէջ
մեծ
դեր
վարեց
Խաչատուր,
երբեմն
իբր
տեղապահներու
օգնական
եւ
երբեմն
իբրեւ
անցուդարձերու
վարիչ,
եւ
իւր
խորամանկութեան
հետ
միացնելով
մեծ
հարստութիւն,
ճիզուիդական
ձեւեր,
եւ
այն
յատկութիւնը,
որով
դէպի
ինքն
էր
գրաւում
հէնց
առաջին
անգամ
իւր
հետ
տեսակցողի
սիրտը:
Վանայ
եւ
Աղթամարայ
բոլոր
գիւղերու
Հայերուն
ու
Քուրդերուն
մէջ
խորին
համակրութեան
եւ
յարգանքի
էր
արժանացած,
եւ
Իգնատիոս
եպիսկոպոսի
Աղթամարէ
հեռանալէն
ետքը
Խաչատուր
ներքնապէս
աթոռի
վարիչ
դարձաւ
(97.
ԱՔՍ.
52-55),
որչափ
ալ
պաշտօնապէս
Խիզանցի
Յակոբն
էր
նշանակուած
(§
2680):
Նա
ինքն
գլխաւոր
դերն
ունեցաւ
Աղթամարը
առանց
կաթողիկոսի
չթողլու
եւ
Պետրոսը
կաթողիկոսացնելու
համար
եղած
ջանքերուն
մէջ,
եւ
Պետրոս
ալ
իրեն
համար
աշխատող
երեք
վարդապետները
իր
օծումէն
երկու
օր
ետքը
եպիսկոպոս
ձեռնադրեց
(§
2680):
Խաչատուր
իրեն
նպատակին
մեծ
քայլը
առած
եղաւ
եւ
անկէ
ետքը
սկսաւ
հեռուէ
հեռու
միջոցները
պատրաստել,
միաբաններ
շահիլ,
ժողովուրդը
իր
կողմը
վաստկիլ,
եւ
Քուրդերու
պաշտպանութիւնը
ապահովել,
որ
կարենայ
Պետրոսը
մէջտեղէն
վերցնելով
կաթողիկոսութեան
բարձրանալ,
օրինաւորութեան
արտաքին
ձեւակերպութիւններն
իսկ
ոտնակոխ
ընելով,
ինչպէս
որ
տեսանք:
2753.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ
ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎ
Մատթէոս
կաթողիկոսի
մահուան
եւ
Մայրաթոռոյ
պարապութեան
առաջին
պաշտօնագիրը
սինոդի
կողմէն
1865
սեպտեմբեր
11-ին
էր
գրուած,
իսկ
Կ.
Պոլիս
կը
հասնէր
նոյեմբեր
19-ին,
որ
է
ըսել
մահուանէն
երեք
ամիս
ետքը,
մինչ
արդէն
գործը
լսուած
էր
եւ
ըստ
պատրիարքական
հրահանգի
հոգեհանգստեան
պաշտօններ
կատարուած
էին
Կ.
Պոլսոյ
եւ
գաւառներու
մէջ
(ԻԶՄ.
502-503):
Պաշտօնագիրը
երեք
օրինակ
էր
պատրիարքի
եւ
կրօնական
ժողովոյ
եւ
քաղաքական
ժողովոյ
հասցէներուն,
եւ
պատրիարքն
ալ
նոյն
ժողովներուն
յանձնարարած
էր
գիրերը,
եւ
ժողովներն
ալ
նախապատրաստութիւններով
սկսան
զբաղիլ,
երբ
դեկտեմբեր
17-ի
նիստին
մէջ
Ստեփան
Ասլանեան
յանուն
Ընդհանուր
ժողովոյ
գանգատ
կը
յայտնէ,
թէ
պաշտօնագիրը
իրենց
հաղորդուած
չէ
(ԻԶՄ.
506),
մինչ
սահմանադրութեան
համեմատ
Ընդհանուր
ժողովին
կը
պատկանի
կաթողիկոսական
ընտրութեան
մասնակից
ըլլալ
(ՍՀՄ.
40):
Ասոր
վրայ
դեկտեմբեր
24-ին
ժողովական
ընտրութեամբ
4
եկեղեցական
եւ
4
աշխարհական
անձերէ
բաղկացած
կաթողիկոսական
յանձնաժողով
մը
կը
կազմուի,
եւ
անոր
ընելիքը
կը
ճշդուի
Ստեփան
Ասլանեանի
եւ
Մատթէոս
Մամուրեանի
թելադրութեանց
համեմատ:
Ընտրեալներն
եղան
Արիստակէս
Ռափայէլեան,
Անդրէաս
Տէր
Անդրէասեան
եւ
Ներսէս
Վարժապետեան
եպիսկոպոսներ
ու
Յովհաննէս
Սեթեան
վարդապետ,
իսկ
աշխարհականներէն
Ստեփան
Ասլանեան,
Սարգիս
Աղաբէգեան,
Գրիգոր
Մարկոսեան
եւ
Կարապետ
Իւթիւճեան
(ԻԶՄ.
516-516),
որոնց
մէջէն
Վարժապետեան
ատենապետ
եւ
Իւթիւճեան
ատենադպիր
կը
նշանակուին
(ՅՆՁ.
93):
Իսկ
ընելիքնին
կ՚որոշուի
1.
Կաթողիկոսութեան
վիճակը
քննել,
2.
Ընտրութեան
եղանակը
ուսումնասիրել,
3.
Տաճկահայոց
մասնակցութիւնը
որոշել
(ՅՆՁ.
69),
որոնց
իբր
բացատրութիւն
կը
շեշտուի
պակաս
կէտերու
դարմանը
հոգալ,
եւ
աթոռին
անկախութիւնը
ու
իշխանութիւնը
եւ
Հայ
եկեղեցւոյ
իրաւունքները
պաշտպանել
(ԻԶՄ.
513-514):
Սինոդական
պաշտօնագիրը
ընտրողական
ժողովին
բացումը
որոշած
էր
1866
սեպտեմբեր
15-ին,
իսկ
ընտրութիւնը
ժողովին
երրորդ
օրը
սեպտեմբեր
17-ին,
Խաչվերացի
շաբաթ
օրը
(ՅՆՁ.
86):
Յանձնաժողովը
փութաց
անմիջապէս
գործի
ձեռնարկել,
եւ
չորս
ամսուան
մէջ
11
նիստ
գումարելով
(§ԱՆ.
Ա.
3),
1866
ապրիլ
29-ին
իր
տեղեկագիրը
փակեց
ու
ստորագրեց
(ՅՆՁ.
93),
եւ
մայիս
27-ին
Ընդհանուր
ժողովոյ
նիստին
մէջ
նկատի
առնուեցաւ,
եւ
նախ
մաս
առ
մաս
եւ
յետոյ
ամբողջութիւնը
քուէարկութեամբ
ընդունուեցաւ
(ԻԶՄ.
517-518):
Կ՚արժէ
ուրեմն
որ
այդ
կարեւոր
պաշտօնագիրը
համառօտ
կերպով
մը
քաղենք,
մեր
տեսութիւններն
ալ
աւելցնելով:
Բայց
կանխենք
ծանուցանել
թէ
ութը
անդամներէն
եօթը
միայն
ստորագրած
են
տեղեկագիրը
(ՅՆՁ.
93),
զի
Անդրէաս
եպիսկոպոս
թէպէտ
աշխատութեանց
մասնակցած,
այլ
զգուշացած
է
Ռուսական
կառավարութեան
անհաճոյ
գրուած
մը
ստորագրել,
մտադրած
ըլլալով
Էջմիածին
դառնալ
եւ
ռուսահպատակութիւն
ընդունիլ,
զի
Մատթէոսի
հետ
ապրած
էր
շարունակ
Էջմիածնի
մէջ
եւ
ռուսական
կացութեան
ընտելացած,
ուր
յետոյ
առաջնորդական
պաշտօն
ալ
ստացաւ
(ԻԶՄ.
515):
2754.
ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ
ՏԵՂԵԿԱԳԻՐԸ
Տեղեկագիրին
առաջին
մասը
որ
կաթողիկոսութեան
վիճակը
քննելու
նուիրուած
է
հռետորական
դատախազութիւն
մըն
է
պօլօժէնիէի
դրութեան
դէմ,
եւ
մանրամասնութիւններն
իսկ
նկատի
առնուած
են
եզրակացնելու
համար
թէ
այդ
օրէնսդրութեան
համեմատ
Հայոց
ընդհանրական
հայրապետը
ամենայն
հայոց
կաթողիկոսութեան
անունը
միայն
կը
կրէ
(ՅՆՁ.
70),
եւ
թէ
պօլօժէնիէն
Հայոց
եկեղեցիին
օտար,
եկամուտ
եւ
վնասակար
է,
եւ
անոր
անկախութեանն
ու
ազատութեանը
սպառնացող
եւ
պայծառութեան
ու
բարեկարգութեան
աղաւաղիչն
է,
թէ
բոլորովին
կ՚եղծանէ
եկեղեցին,
ուսկից
աւելի
չկայ
սրբազան
բան
մը
աշխարհի
վրայ
Հայոցս
համար,
վասնզի
առանց
եկեղեցւոյ
մեք
ոչ
հոգեւոր
եւ
ոչ
մարմնաւոր
կեանք
չունինք.
նա
է
մեր
պսակը,
նա
է
մեր
մխիթարիչը,
նա
է
մեր
պարծանքը,
նա
է
մեր
ուրախութիւնը
եւ
անով
է
մեր
յաւիտենական
կեանքը
(ՅՆՁ.
71):
Պօլօժէնիէի
ամբողջութիւնը
քննելով
կը
հետեւցնէ
տեղեկագիրը
թէ
կաթողիկոսը
զրկուած
է
առաջնորդութեանց
վրայ
իշխանութենէն
եւ
վիճակներու
հետ
հաղորդակցութենէն,
թէ
չկրնար
անկախ
հոգեւոր
ժողով
ունենալ,
եւ
իրեն
ու
ժողովին
իրաւունքները
շփոթած
են,
թէ
առաջնորդները
անկախօրէն
չկրնար
կարգել
եւ
արձակել,
եւ
ոչ
ալ
հաստատուն
կալուածներ
գնել
ազատօրէն:
Յատկապէս
կը
ծանրանայ
պօլօժէնիէի
յօդուածներէն
տասնուիննին
վրայ,
եւ
ամէնուն
մէջ
ալ
վերեւ
յիշուած
անտեղութիւնները
կը
գտնայ:
Կ՚ընդունի
իրաւ
թէ
Հայոց
եկեղեցին
շատ
բռնաբարութեանց
ներքեւ
գտնուած
է,
բայց
անոնք
անցաւոր
բռնութիւններ
կը
նկատէ
եւ
ոչ
օրինական
կացութիւն
(ՅՆՁ.
70-71):
Վերջապէս
բոլոր
այս
առաջին
մասը
(ՅՆՁ.
69-78)
պօլօժէնիէի
դատափետութիւնն
է:
Երկրորդ
մասին
մէջ
ընտրողական
ձեւերու
վրայ
կը
խոսի,
եւ
կը
խոստովանի
թէ
ցարդ
որոշ
եւ
տիրող
ձեւ
մը
եղած
չէ,
բայց
պօլօժէնիէի
տուած
ձեւին
մէջն
ալ
շատ
ապօրինութիւններ
կը
գտնէ,
երկու
ընտրելիները,
մէկ
տարուայ
պայմանաժամը,
աշխարհական
պատգամաւորին
իշխանաւորներէ
ընտրուիլը,
եկեղեցական
ընտրողներուն
աշխարհականներէ
15
աւելի
ըլլալը,
երկրորդ
քուէարկութեան
ներկաներով
վերջանալը,
եւ
երկու
ընտրելիներէն
մին
կայսրէն
որոշուիլը:
Միանգամայն
Ներսէսի
եւ
Մատթէոսի
ընտրութեանց
վրայ
խօսելով,
զանոնք
պօլօժէնիէի
անհամաձայն
կը
գտնէ,
եւ
Ներսէսի
ու
Մատթէոսի
պօլօժէնիէին
մասին
դիտողութիւններ
առաջարկելը
հերքել
եւ
մերժել
կը
մեկնէ,
որով
պօլօժէնիէի
օրինական
ոյժ
չընդունիր
(ՅՆՁ.
79-91):
Իսկ
երրորդ
մասին
մէջ
զիջանելով
պօլօժէնիէի
ընտրողական
ձեւին
գլխաւոր
գիծերը
պահել,
կ՚առաջարկէ
Մատթէոսի
ընտրութեան
ժամանակ
յիշուած
45
վիճակները
65-ի
բարձրացնել,
20
ալ
միւս
աթոռներուն
յատկացնելով,
այսինքն
13
Կիլիկիոյ,
2
Աղթամարայ
եւ
5
Երուսաղէմի:
Իսկ
ընտրութեան
ձեւին
համար
կը
ծրագրէ
նախ
Կ.
Պոլսոյ
վիճակային
եկեղեցական
ժողովով,
այսինքն
համագումարով,
ընտրելեաց
ցուցակ
կազմել,
եւ
այդ
ցուցակին
վրայէն
Ընդհանուր
ժողովով
մէկ
մը
ընտրել,
եւ
այդ
մէկին
վրայ
կեդրոնացնել
65
եկեղեցական
եւ
65
աշխարհական,
բովանդակ
130
վիճակային
ձայները,
եւ
երկու
պատգամաւորներ
յղել
Էջմիածին,
մէկը
եկեղեցական
եւ
միւսը
աշխարհական,
եւ
անոնց
բերանով
Էջմիածնի
ընտրողական
ժողովին
մէջ
իւրաքանչիւրէն
65-ական
կամ
համանգամայն
130
քուէ
տալ
Ընդհանուր
ժողովէ
ընտրուած
անձին
(ՅՆՁ.
91-93):
Այդ
է
տեղեկագիրին
հոգին
եւ
ասոնք
են
անոր
էական
կէտերը,
որոնք
իբր
կատարեալ
եւ
գործնական
մի
գրութիւն
լիագոյն
քուէով
ընդունուեցան
Ընդհանուր
ժողովոյ
1866
մայիս
27-ի
նիստին
մէջ,
եւ
գործադրութեան
յանձնուեցան
միեւնոյն
կաթողիկոսական
յանձնաժողովին,
Ընդհանուրի
ատենապետ
Բարունակ
Ֆէրուհխանն
ալ
աւելցնելով
(ԻԶՄ.
518),
եւ
պատրիարքին
ու
վարչութեան
հետ
համընթաց
գործակցութեամբ:
2755.
ՏԵՂԵԿԱԳԻՐԻ
ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆԸ
Մենք
առիթ
ունեցած
ենք
պօլօժէնիէի
մասին
տեսութիւննիս
յայտնել
(§
2528-2529),
բայց
յանձնաժողովի
տեղեկագիրին
առթիւ
ինչ
ինչ
դիտողութիւններ
ալ
յաւելուլ
աւելորդ
չենք
կարծեր:
Տեղեկագիրը
պատրաստողներ
Հայոց
եկեղեցւոյ
իշխանութիւն
եւ
անկախութիւն
ըսած
ատեննին
այնպիսի
դիրք
մը
կը
ձգտին
ստեղծել,
որ
Հայոց
կաթողիկոսը
որ
եւ
է
պայմանէ
կամ
կացութենէ
անկախ
աղիկամի
գործող
մը
ըլլայ,
ուստի
անտեղութիւն
կը
կարծեն
կաթողիկոսի
մօտ
խորհուրդ
մը
գտնուիլը,
եւ
այդ
մարմինին
իրաւունքներուն
ճշդուիլը,
որ
անհրաժեշօրէն
սահմանափակում
մը
պիտի
յառաջ
բերեն
կաթողիկոսին
գործունէութեան
վրայ
մինչ
միւս
կողմէն
բուռն
պաշտպաններ
են
սահմանադրական
սկզբունքներու
եւ
սիրահար
են
օրէնք
եւ
կանոն
ունենալու,
ուստի
միայն
իբր
խծբծանք
կ՚ըլլան
նոյն
իսկ
իրենց
չընդունածը:
Նմանօրինակ
կէտ
մըն
ալ
կը
նկատեն
քաղաքական
իշխանութեան
միջամտութիւնը
եկեղեցական
գործոց
մէջ,
նոյն
իսկ
երբոր
խնդիրները
հոգեւորական
պարունակէն
դուրս
կ՚ելլեն,
եւ
անձնաւորութեանց,
ստացութեանց,
ժառանգութեանց,
ձեռնհասութեանց,
եւ
նմանօրինակ
արտաքին
շրջանակներու
մէջ
կը
մտնէն:
Սակայն
քաղաքական
իշխանութեան
չի
կրնար
զլացուիլ
այդ
կէտերը
գիտնալու
եւ
նայելու
եւ
զգուշանալու
իրաւունքը:
Այսպէս
եղան
եւ
են
բոլոր
աշխարհի
պետական
օրէնքները,
եւ
եթէ
այժմ
ուրեքուրեք
սկսած
են
եկեղեցին
պետութենէն
զատել,
այնտեղեր
ալ
ոչ
մի
ազատութիւն
կամ
առանձնաշնորհութիւն
կամ
արտօնութիւն
կամ
առաւելութիւն
չեն
ճանչնար
եկեղեցւոյն
վրայ,
եւ
անհատական
հպատակութեան
կը
հաւասարեցնեն
եկեղեցականները:
Ուստի
սկզբունքի
տեսակէտէն
ի
զուր
էր
պօլօժէնիէի
դէմ
մաքառիլ:
Իսկ
եթէ
մասնաւոր
պարագաներու
մէջ
դիտողութեանց
առիթ
ներկայանայ,
արգիլեալ
չէ
փոփոխութիւն
առաջարկել
եւ
ուղղելու
աշխատիլ:
Մենք
ալ
մեր
դիտողութիւնները
յառաջ
բերինք
(§
2528-2529),
ռուսական
պետութիւնն
ալ
չմերժեց
դիտողութիւններ
ընդունիլ,
մանաւանդ
հրաւիրեց
ալ
ներկայել
եւ
ինչ
ինչ
կէտեր
ալ
փոփոխուեցան
կաթողիկոսներու
առաջարկութեամբ,
սակայն
դիտողութիւն
առաջարկելը
հերքել
եւ
մերժել
չէ,
եւ
ոչ
ալ
նոր
դրութեամբ
եւ
նոր
ձեւով
օրէնք
մը
պատրաստելու
ճամբայ
է:
Այս
է
պատճառը
որ
անհետեւանք
մնացին
տարբեր
կերպով
եղած
առաջարկները,
որոնք
ըստինքեան
ալ
կատարեալ
բաներ
չէին
(§
2743):
Մանաւանդ
մտացածին
ենթադրութիւնները,
բոլորովին
կը
տկարացնեն
եղած
դիտողութիւնները,
ինչպէս
էր
Ներսէսի
անունին
հետ
ուրիշ
ընտրելի
ցուցուցած
չըլլալու
կարծիքը
(§
2570),
կամ
Մատթէոսի
ընտրութեան
45
վիճակաց
քուէներու
միացմամբ
յաջողիլը
(§
2691),
որոնք
իրականութենէ
հեռու
ենթադրութիւններ
են:
Տեղեկագիրին
ցուցած
ընտրողական
ձեւն
ալ,
որ
է
Ընդհանուր
ժողովով
վիճակներու
անունին
քուէ
տալ,
եւ
մեծամասնութիւն
ստացողին
քուէն
բոլորին
վրայ
տարածել,
ընտրութեան
գաղափարին
ալ
հակառակ
է.
զի
ընտրողական
ժողովներու
մէջ
իւրաքանչիւր
քուէարկուի
իրաւունքը
անհատաբար
յարգելու
պարտք
կայ,
եւ
ոչ
թէ
քանի
մը
քուէ
ստացողին
անունը
անոր
քուէ
չտուողներու
վրայ
բռնի
պատշաճեցնել:
Նոյն
իսկ
ամէն
վերջնական
ընտրութեանց
մէջ
ընտրեալը
մեծամասնութեան
քուէի
իրաւունքով
կ՚ընտրուի,
եւ
մեծամասնութիւնը
միաձայնութիւն
չդառնար:
Ինքզինքը
խաբելու
ձեւ
մըն
էր
կարծելը
թէ
Կ.
Պոլսոյ
90
կամ
130
քուէները
ազդեցութիւն
ունեցած
են
թիւին
վրայ,
զի
պարզապէս
ներկաներուն
կողմէ
ազնիւ
զգացման
մը,
թող
ըլլայ
իսկ
շահադիտական
նպատակի
մը
հետեւանք
էր
իրենց
իսկական
քուէները
տալ
Տաճկահայոց
կողմէն
նախադասուած
անձին,
եւ
յաջողցնել
պարզապէս
ներկայից
քուէներու
զօրութեամբ:
Եկեղեցականներու
եւ
աշխարհականներու
քուէներուն
մասին
ըսուածն
ալ
հետեւանք
է
ոչ
թէ
հնաւանդ
ազգային
դրութեան,
այլ
գաղղիական
շարժումներէ
ազդուած
գաղափարներուն,
որոնցմով
կազմուեցաւ
Տաճկահայոց
սահմանադրութիւնն
ալ,
աւելի
օտար
քան
թէ
բնիկ
գաղափարներով,
որոնց
մասին
անկաշկանդ
տեսութիւննիս
յայտնած
ենք,
եւ
հայ
տարրին
պօլօժէնիէի
դրութեան
ներքեւ
աւելի
լուրջ
զարգացում
եւ
արդիւնաւորութիւն
ունեցած
ըլլալը
շեշտած,
քան
թէ
Տաճկահայոց
սահմանադրութեան
ներքեւ
(§
2731):
Կաթողիկոսական
յանձնաժողովին
անդամները
նոյն
իսկ
սահմանադրութիւնը
կազմողներէն
էին
ատենապետէն
սկսելով,
եւ
մէջերնէն
հանդարտ
մտածող
անդամներ
մեծամասնութեան
մէջ
սուզած
էին:
Այս
քանի
մը
ընդհանուր
տեսութիւնները
բաւական
կը
սեպենք,
եւ
աւելի
մանրամասնութեանց
մտնելու
հարկ
չենք
տեսներ:
2756.
ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ
ՔՆՆԱԴԱՏՆԵՐԸ
Ժամանակին
ալ
այդ
մտածումները
յայտնողներ
գտնուեցան,
եւ
առաջին
եղաւ
Ճանիկ
Արամեան,
որ
դիտողութիւն
ի
վերայ
տեղեկագրի
կաթողիկոսական
յանձնաժողովոյ
մակագրութեամբ
տետրակ
մը
հրատարակեց
(§ԱՆ.
Ա.
)
մայիս
20-ին
Ընդհանուր
ժողովոյ
հաւանութենէն
օր
առաջ,
եւ
որուն
ձայնակից
գտնուեցան
Յովհաննէս
Տէրոյենց
եւ
Յովսէփ
Վարդանեան
եւ
Յակոբ
Կարինեան:
Սակայն
տեղեկագիրին
պաշտպանութեան
փութաց
Մարկոս
Աղաբէգեան,
խոստովանելով
իսկ
թէ
տեղեկագիրին
հայեցուածքը
ոչ
նախնի
աւանդութեանց
համաձայն
է,
եւ
ոչ
ալ
այսօրուայ
Հայոց
համար
հետեւելու
մի
սկզբունք
է
(ԾԻԼ.
Ա.
664):
Արամեան
երկրորդ
անգամ
ալ
իր
տեսութեանց
պաշտպանութիւնը
հրատարակեց
Ռուսիա
եւ
Ընդհանուր
ժողով
Հայոց
ի
Կոստանդնուպոլիս
տետրակով
(§ԱՆ.
Բ.
),
որոնց
ուղղակի
պատասխանեց
Աղաբէգեան
(ԾԻԼ.
Ա.
295
եւ
363),
միշտ
նոյն
յանկերգը
կրկնելով
թէ
Հայոց
եկեղեցականութիւնը
եւ
կաթողիկոսութիւնը
պէտք
է
այնպիսի
դիրք
մը
վայելեն,
որ
ոչ
մի
տէրութենէ
եւ
ոչ
մի
կանոնադրութենէ
կախում
չունենայ,
ոչ
մէկը
իրեն
գործերուն
խառնուի,
ըլլան
իսկ
անձանց
կամ
գոյից,
սեփականութեանց
կամ
ստացութեանց
գործեր,
այլ
վայելէ
այնպիսի
արտերկրական
արտօնեայ
դիրք
(ExtraterritorialitԸ),
որպիսին
քրիստոնեայ
տէրութիւններ
իրենց
կրօնքին
կամ
կրօնական
պետերուն
ալ
չեն
ներեր:
Տեղեկագիրը
քննադատողներուն
փաստերը
կը
հիմնուէին
պահանջուած
պայմաններուն
կամ
գաղափարներուն
հակաքաղաքական
ըլլալուն
վրայ,
որով
Հայերը
կամ
կասկածելի
պիտի
ըլլային
բոլոր
տէրութեանց,
որոնք
Հայ
հպատակներ
ունին,
կամ
ծիծաղելի
պիտի
դառնային
իբր
եղջերուաքաղներով
օրօրուողներ:
Քննադատներ
համարձակ
կը
յայտարարեն
թէ
տեղեկագիրը
աւելի
պապական
տեսակէտէն
եւ
կաթոլիկ
ուղղութենէն
ազդուած
էր
եկեղեցական
իշխանութեան
մասին
կազմած
գաղափարովը
քան
բուն
հայկականէն,
որ
աշխարհիկ
տարրը
եկեղեցիէն
չմերժեր,
եւ
պետական
տարրն
ալ
աշխարհիկ
տարրին
ներկայացուցիչ
եղած
է
հին
ժամանակներէ
սկսելով:
Իրաւ
տեղեկագիրը
կազմողներ
եւ
պաշտպանողներ
Հայ
եկեղեցւոյ
հնաւանդ
կանոններ
կը
յիշէին,
սակայն
ոչ
գոյութեան
եւ
ոչ
պարագաներու
փաստեր
կը
բերէին,
այլ
սովորութիւններ
կ՚ենթադրէին
որ
երբեք
իր
իրականութիւն
ունեցած
չեն.
զի
իրօք
Հայ
եկեղեցին
ամէն
ատեն
թագաւորներու
եւ
իշխաններու
եւ
նոյն
իսկ
օտար
տիրապետողներու
կամքին
ենթարկուած
է:
Տեղեկագիրի
պաշտպանութեան
համար
Հայոց
եկեղեցւոյն
եւ
ազգութեան
սերտ
կապակցութիւնը
մէջտեղ
դնելն
ալ,
եւ
այդ
տեսակէտով
Եկեղեցւոյ
անպարփակ
անկախութիւնը
պահանջել,
այնպիսի
անխոհեմ
եւ
վտանգաւոր
քայլ
մըն
էր,
որ
իրենց
դիտած
նպատակին
եւ
փափաքած
արդիւնքին
բոլորովին
ներհակ
հետեւանքի
կրնար
տանիլ:
Բայց
բարեբախտաբար
այդ
խնդիրներ
ամփոփ
շրջանակի
մէջ
կը
ծեծուէին
եւ
պետական
շրջանակներու
մէջ
մտադրութիւն
չէին
գրաւեր,
եւ
իբր
անկախութեան
կամ
ազատութեան
առարկաներ
կը
խօսուէին,
հաւատքը,
վարդապետութիւնը,
ծէսը,
արարողութիւնը
եւ
աւանդութիւնը
(§ԱՆ.
Բ.
8),
որոնց
մասին
խնդիր
չկար:
Ահա
թէ
ինչոflւ
եւ
իflնչպէս
խօսողներ
խօսեցան
եւ
գրողներ
գրեցին,
սակայն
պօլօժէնիէն
իրեն
վարչական
եւ
յարաբերական
մասերուն
մէջ
մնաց
ինչ
որ
էր,
եւ
գործադրուեցաւ
ամբողջութեամբ:
Անշուշտ
աւելի
արդիւնաւոր
եւ
օգտակար
եղած
պիտի
ըլլար
պօլօժէնիէի
քննադատութիւնը,
եթէ
փոխանակ
անքաղաքագէտ
եւ
անհնար
պահանջներու,
հնարաւոր
եւ
գործադրելի
կէտեր
առաջարկուէին.
զի
միացեալ
հայութեան
օրինաւոր
ձայնը
հարկաւ
իր
ծանրակշռութիւնը
պիտի
ունենար
ռուսական
կառավարութեան
առջեւ:
Պատմագիրի
պարտք
սեպած
ըլլալով
եղելութեանց
ներքինը
ուսումնասիրել,
աւելցուցինք
մեր
այս
տեսութիւնները,
եւ
ըսուածը
բաւական
սեպելով
դառնանք
եղելութեանց:
2757.
ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ԱԹՈՌԸ
Ընդհանուր
ժողովը
տեղեկագիրը
ընդունելով,
անոր
գործադրութիւնը
միեւնոյն
յանձնաժողովին
թողած
էր,
պատրիարքի
եւ
վարչութեան
համընթաց
գործակցութեամբ
(§
2754):
Տեղեկագիրը
իր
առաջին
երեք
մասերուն
մէջ
ուղղակի
Մայրաթոռով
զբաղած
եւ
գործադրութեան
կերպը
եօթը
յօդուածներով
ամփոփած
էր
(ԻԶՄ.
523-530),
ինչ
որ
մենք
ալ
համառօտիւ
ամփոփեցինք
(§
2754):
Բայց
տեղեկագիրը
չորրորդ
մաս
մըն
ալ
ունէր
(ԻԶՄ.
531),
որուն
առիթ
տուած
էին
ոչ
միայն
Սսոյ
եւ
Աղթամարայ
մասնաւոր
կաթողիկոսութեանց
Մայրաթոռոյ
հանդէպ
դիրքն
ու
յարաբերութիւնները,
այլ
մանաւանդ
որ
այն
միջոցին
Մայրաթոռին
պէս
երկու
մասնաւոր
աթոռներն
ալ
պարապութեան
մէջ
կը
գտնուէին
(ԻԶՄ.
540):
Աղթամարայ
աթոռին
կացութիւնը
պարզած
ենք
արդէն
(§
2751),
Կիլիկիոյ
աթոռն
ալ
պարապ
մնացած
էր
Մայրաթոռէն
հազիւ
երկու
ամիս
ետքը:
Վերջին
կաթողիկոսը
Կիրակոս
Բ.
Աջապահեան,
որուն
նախընթացը
եւ
փոքր
ի
շատէ
դաստիարակուած
անձնաւորութիւնը
կրնար
լաւ
յոյսեր
ներշնչել
(§
2678),
ընդհակառակն
աննշանակ
կերպով
անցուցած
էր
իր
օրերը,
ոչ
արդիւնաւորութիւն
մը
ցուցնելով
եւ
ոչ
յատուկ
մեղադրանաց
արժանի
պարագայից
մէջ
գտնուած
ըլլալով:
Տէրվիշ
եւ
Իսմայիլ
փաշաներ
1865-ին
պաշտօն
առած
էին
Գօզանօղլուները
նուաճել
(ՎՐԺ.
112),
որ
բացարձակ
բռնապետներ
դարձած
էին
Տորոսի
շղթային
վրայ
եւ
Սիս
ու
Հաճըն
կը
հեծէին
անոնց
բռնութեանց
ներքեւ:
Կիրակոս
միացած
էր
փաշաներուն,
զի
Կիլիկիոյ
կաթողիկոսներն
ալ
կրած
էին
Գօզանեանց
չարիքը,
եւ
քանիներ
կեանքերնին
ալ
կորուսած
էին
անոնց
դաւաճանութեամբ:
Այդ
գործողութիւններ
կը
կատարուէին
1865-ի
աշնան
միջոցին,
երբ
հնտախտի
համաճարակը
այդ
կողմերն
ալ
հասաւ
եւ
Կիրակոս
ինքն
ալ
զոհ
գնաց
հոկտեմբերի
մէջ
(65.
ՄԱՍ.
712),
երբ
ժողովուրդը
լեռնային
բացաստաններէն
դաշտային
կողմեր
կ՚իջնար:
Ըստ
այսմ
երեք
կաթողիկոսական
աթոռներն
ալ
միանգամայն
պարապ
էին,
երբ
1865
դեկտեմբեր
24-ին
կաթողիկոսական
յանձնաժողովը
կը
կազմուէր
(§
2753),
եւ
երեքին
մասին
պէտք
եղածը
ծրագրել
միեւնոյն
յանձնաժողովի
կը
յանձնուէր:
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքարանը
փութացեր
էր
Կիլիկիոյ
աթոռին
տեղապահ
նշանակել
Այնթապի
առաջնորդ
Մկրտիչ
Սէմէրճեան
եպիսկոպոսը,
առաջիկային
թողլով
յաջորդի
ընտրութեան
խնդիրը:
Բայց
Նիկողայոս
եպիսկոպոս
Կիւլէսէնեան
եւ
մօրը
կողմէն
Աջապահեան
Բերիոյ
առաջնորդը
աթոռը
գրաւելու
հետամուտ
էր
իբր
տոհմային
իրաւունքի
ժառանգ:
Կիրակոսի
մահուան
օրերէն
սկսած
էր
Սիսի
կողմերը
դեգերիլ,
կերպով
մը
նպատակին
հասնելու
համար:
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքարանը
զգալով
անոր
դիտումը
ուզեց
զայն
հեռացնել,
եւ
մինչեւ
իսկ
փոխարքայական
հրամանագիր
ստացաւ
եւ
ղրկեց,
բայց
Նիկողայոս
հրամանագիրը
ղրկուելէն
ետքը,
գիշեր
ատեն
գողնիգող
մէկ
եպիսկոպոսով,
որ
էր
Յարութիւն
Աջապահեան,
ինքզինքը
կաթողիկոս
օծել
կու
տայ
յունիս
ամսոյ
11-ին
(ԻԶՄ.
678):
Իսկ
պատրիարքարանը
արդէն
Նիկողայոսի
վրայ
գայթակղած
անոր
կանխաւ
պժգալի
գործեր
ըրած
եւ
պահ
մըն
ալ
Հռոմէականութեան
յարած
ըլլալէն,
Կ.
Պոլիս
բերելու
համար
կրկնակի
հրամանագիրներ
կը
ստանայ,
իր
օծողն
ալ
Կիպրոս
աքսորելու
հրամաններ
կը
հանէ,
սակայն
Նիկողայոս
տեսակ
տեսակ
խաբեբայ
ճանպաներով
եւ
սպառնալիքներով
իրեն
կողմնակիցներ
կը
շահի
եւ
ատեն
վաստկելու
կը
նայի
(ԻԶՄ.
679),
քաջալերուելով
անշուշտ
սպանութեամբ
աթոռ
բարձրացող
Խաչատուրին
անխռով
տեղը
մնալէն:
2758.
ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ
ՎԵՐԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆԸ
Երբոր
այդ
կարեւոր
գործեր
կը
կատարուէին,
կեդրոնն
ալ
տագնապի
մէջ
էր,
եւ
իր
վարչական
մեքենան
կանոնաւորապէս
չէր
գործեր:
Անցեալ
1865
տարւոյ
մայիս
1-ին
ընտրուած
քաղաքական
ժողովը
տարին
չլրացած
հինգ
անգամ
ամբողջական
կամ
մասնակի
ընտրութիւններով
նորոգուած
էր
եւ
դեռ
ալ
հաստատուն
չէր,
թէպէտեւ
կաթողիկոսական
ամենակարեւոր
խնդիրներ
կը
ծեծուէին
(66.
ԺՄՆ.
41):
Տուրքի
բաշխման
եւ
գանձման
ձեւերը
սաստիկ
անհամաձայնութիւններու
առիթ
տուած
էին
(66.
ԺՄՆ.
49),
եւ
ահա
Կարնեցի
Յակոբ
քահանայի
խնդիր
մըն
ալ
վարչական
ժողովներու
անհամաձայնութեան
նիւթ
կը
դառնար,
զի
Յակոբ
քահանայ
Խրիմեան
Մկրտիչ
վարդապետի
դէմ
վատ
մատնութեան
գիր
մատուցած
էր
Կարնոյ
կառավարութեան,
եւ
անոր
պատիժը
տնօրինելու
մասին
երկու
ժողովներ
իրաւասութեան
խնդիր
կը
յուզուէին,
մատնութիւնը
արտաքին
յանցանք
էր,
իսկ
Յակոբ
քահանայ
եկեղեցական
էր
(66.
ԺՄՆ.
6
եւ
17):
Թաքթաքեան
պատրիարքն
ալ
եկեղեցականներու
դատին
ու
պատիժին
կրօնական
ժողովին
պատկանիլը
կը
պաշտպանէր,
եւ
երբ
խնդիրը
սաստկացաւ
պէտք
զգաց
մարտ
4-ին
Ընդհանուր
ժողովին
հրաժարական
մատուցանել,
որով
պարապ
աթոռներ
չորսի
բարձրացած
պիտի
ըլլային
(66.
ԺՄՆ.
43):
Ամէն
կողմէ
դարմանի
առաջարկներ
բարձրացան,
սահմանադրութիւնը
վերաքննել,
բացառիկ
իշխանութեամբ
վարչութիւն
կազմել,
նոր
ընտրութեանց
դիմել,
բայց
վերջապէս
կառավարութիւնը
միջամտեց
մարտ
20-ի
ազդարարութեամբ
եւ
պաշտօնագիրով
(66.
ԺՄՆ.
57-59),
որով
պատրիարքի
հրաժարականը
կը
մերժուէր,
վարչական
ժողովները
կը
լուծուէին,
եւ
անոնց
տեղ
ինը
անդամով
խառն
ժողով
մը
կ՚անուանուէր,
եւ
10
անդամով
յանձնաժողով
մըն
ալ
սահմանադրութիւնը
վերաքննելու
կը
կոչուէր.
իսկ
Ընդհանուր
ժողովը
կը
պահուէր,
բայց
առանց
վերաքննիչ
յանձնաժողովոյ
հաւանութեան
եւ
առանց
կառավարութեան
հրամանին
գումարում
պիտի
չունենար:
Վարչական
խառն
ժողովի
անդամ
նշանակուեցան,
եկեղեցականներէն
Անդրէաս
եպիսկոպոս
Տէր-Անդրէասեան,
Խորէն
վարդապետ
Գայֆայեան
եւ
Սահակ
քահանայ
Տէր-Սարգիսեան,
իսկ
աշխարհականներէն
Գրիգոր
Մարկոսեան,
Ներսէս
Տատեան,
Սիմոն
Մաքսուտեան,
Մանուկ
Մանուկեան,
Յակոբ
Ֆրէնկեան,
եւ
Ալիքսան
Սագայեան,
որոնց
մէջէն
Մարկոսեան
ատենապետ
ընտրուեցաւ:
Իսկ
վերաքննիչ
յանձնաժողովի
անդամ
նշանակուեցան
եկեղեցականներէն
Արիստակէս
Ռափայէլեան,
Ներսէս
Վարժապետեան
եւ
Յովհաննէս
Կապուտիկեան
եպիսկոպոսներ,
եւ
աշխարհականներէն
Սերվիչէն
բժշկապետ,
Գէորգ
Երամեան,
Յովհաննէս
Տատեան,
Յակոբ
Մուպահեաճեան,
Գրիգոր
Աղաթոնեան,
Ստեփան
Ասլանեան,
Բարունակ
Ֆէրուհխան
եւ
Յովհաննէս
Սուրէնեան
(66.
ԺՄՆ.
56):
Երբոր
1865
դեկտեմբեր
24-ին
ընտրուած
կաթողիկոսական
յանձնաժողովը
1866
ապրիլ
29-ին
իր
տեղեկագիրը
կը
փակէր,
արդէն
այդ
նոր
վարչական
ձեւը
հաստատուած
էր,
եւ
մայիս
27-ին
Ընդհանուր
ժողովն
ալ
անոր
առաջնորդութեամբ
կը
գործէր
եւ
գործադրութիւններն
ալ
սոյն
այս
վարչութեան
հովանաւորութեամբ
եւ
միեւնոյն
յանձնաժողովոյ
ձեռքով
պիտի
կարգադրուէին
(§
2753):
Մայրաթոռոյ
մասին
եղած
կարգադրութիւնները
բացատրած
ենք
(§
2754).
Աղթամարայ
աթոռին
համար
ալ
եղած
կարգադրութիւնը
յիշեցինք
(§
2751),
կը
մնար
Կիլիկիոյ
աթոռը,
որուն
մասին
պատրիարքը
1866
օգոստոս
3-ին
կոնդակ
մը
հրատարակեց,
որուն
մէջ
եղելութիւնները
պատճառելով
կը
ծանուցանէր,
թէ
վիճակային
եկեղեցական
համագումար
ժողովը,
ուր
տասը
եպիսկոպոսունք
եւ
բազմաթիւ
եկեղեցականք
էին,
եւ
ազգային
երեսփոխանական
Ընդհանուր
ժողովը
վճռած
են,
թէ
Կիրակոս
Գ.
անուն
առնող
Նիկողայոս
Աջապահեանի
կաթողիկոսական
օծումը
(§
2757)
ինքնահրաւէր
եւ
ինքնակոչ
եւ
ինքնընտիր,
անվաւեր
եւ
ապօրինաւոր
է,
ինքն
կաթողիկոս
չէ,
եւ
իր
ձեռնադրածները
եպիսկոպոս
չեն
(ԻԶՄ.
678-683):
2759.
ԸՆՏՐՈՂԱԿԱՆ
ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՔ
Վիճակային
համագումար
համաժողովը
որուն
կ՚ակնարկէ
պատրիարքական
կոնդակը
(ԻԶՄ.
679),
գումարուած
էր
յուլիս
12-ին
երեքշաբթի
օր,
բայց
նախընթաց
օրը
առանձինն
լոկ
եպիսկոպոսաց
ժողով
մըն
ալ
գումարուեր
էր,
եւ
Աղթամարայ
եւ
Սսոյ
մասին
վճիռը
պատրաստուէր
էր
(ԻԶՄ.
570):
Եպիսկոպոսական
ժողովը
այս
անգամ
բացառիկ
հանդիսականութիւն
մը
ունէր,
զի
պատրիարքի
նախագահութեան
ներքեւ
հաւաքուած
էին
Կ.
Պոլիս
գտնուող
եպիսկոպոսներէն
զատ
նաեւ
Թադէոս
Ռոտոսթոյի,
Յովսէփ
Կուտինայի,
Նիկողայոս
Նիկոմիդիոյ,
Մեսրոպ
Տրապիզոնի
եւ
Յովհաննէս
Պանտրմայի
առաջնորդներ,
եւ
Եփրեմ
Արմաշու
եւ
Մկրտիչ
Գլակայ
վանահայրեր:
Մեծ
աթոռներու
ներկայացուցիչներ
ալ
կային,
Ներսէս
եպիսկոպոս
Վարժապետեան
Կիլիկիոյ
եւ
Յովհաննէս
վարդապետ
Սեթեան
Աղթամարի
տեղապահներէն
անուանեալ,
եւ
Սիմէոն
վարդապետ
Սէֆէրեան
Երուսաղէմի
պատրիարքէն
նշանակուած
(ԻԶՄ.
565):
Վիճակային
համագումարը
42
անդամոց
ներկայութեամբ
նախապատրաստական
քուէարկութիւն
կատարեց
Մայրաթոռոյ
ընտրելեաց
համար
եւ
49
եպիսկոպոսներու
ցուցակէն
զատեց
7
ընտրելիներ,
որոնք
եղան,
Գէորգ
Քէրէստէճեան
31,
Պօղոս
Թաքթաքեան
30,
Իգնատիոս
Գագմաճեան
26,
Թադէոս
Ռոտոսթոյի
20,
Արիստակէս
Ռափայէլեան
19,
Եսայի
պատրիարք
18,
եւ
Մակար
Տէր-Պետրոսեան
16
քուէով
(ԻԶՄ.
567):
Անկէ
ետքը
Աղթամարի
եւ
Կիլիկիոյ
խնդիրներուն
անցնելով
անվաւեր
եւ
ապօրինաւոր
վճռեց
ու
հռչակեց
Խաչատուրի
եւ
Նիկողայոսի
կաթողիկոսութիւնները
եւ
անկանոն
իրենց
օծումները,
ուստի
այդ
աթոռներուն
համար
ալ
ընտրելեաց
եռանուն
ցանկեր
քուէարկեց:
Աղթամարի
համար
Երեմիա
վարդապետ
Տէվկանց
29,
Յակոբ
եպիսկոպոս
Խիզանցի
23
եւ
Մկրտիչ
վարդապետ
Խրիմեան
22
քուէով,
իսկ
Կիլիկիոյ
համար
Ներսէս
եպիսկոպոս
Վարժապետեան
21,
Արիստակէս
եպիսկոպոս
Դերձակեան
17
եւ
Յովհաննէս
եպիսկոպոս
Եդեսեան
15
քուէով
(ԻԶՄ.
567-571):
Այդ
նախապատրաստութեանց
վրայ
յուլիս
22-ին
ուրբաթ
օր
Ընդհանուր
ժողովը
հաւաքուեցաւ,
որ
առաջ
միաձայն
հաւանութեամբ
հաստատեց
համագումարին
վճիռը
եւ
թափուր
հռչակեց
Աղթամարայ
եւ
Սսոյ
կաթողիկոսական
աթոռները
(ԻԶՄ.
573),
եւ
յետոյ
Ամենայն
Հայոց
աթոռին
ընտրութեան
անցաւ,
բայց
որովհետեւ
ներկաներուն
թիւը
օրինականէն
նուազ
էր,
քուէարկութեան
լրումը
թողուեցաւ
յուլիս
27-ին
եւ
նոյն
օր
քննիչ
յանձնաժողովոյ
ձեռամբ
քուէհամարը
կատարուելով
Եսայի
պատրիարք
եւ
Գէորգ
Քէրէստէճեան
հաւասար
կերպով
44
քուէ
ստացած
գտնուեցան,
երրորդն
էր
Իգնատիոս
Գազմաճեան
29
քուէով:
Հարկ
եղաւ
առջի
երեքի
վրայ
համեմատականի
քուէարկութիւն
կատարել
օգոստոս
1-ին
երկուշաբթի
օր,
եւ
առաւելագոյն
քուէով
Գէորգ
արքեպիսկոպոս
Քէրէստէճեան
Պրուսայի
առաջնորդը
նշանակուեցաւ
իբր
թուրքիաբնակ
Հայոց
միակ
բացարձակ
ընտրելին
(ԻԶՄ.
579),
որուն
պիտի
պատկանէին
ժողովին
միտքով
Տաճկահայոց
65
վիճակներուն
130
քուէները
(ԻԶՄ.
529):
Նոյն
ժողովին
մէջ
պատգամաւոր
ընտրուեցան
եկեղեցականներէն
Ներսէս
Վարժապետեան
եպիսկոպոսը,
եւ
աշխարհականներէն
Յակոբ
Նորատունկեան:
Ներսէսի
անձը
դիտողութեան
առիթ
տուաւ
ռուսական
դեսպանատան
կողմէն,
թէ
մի'
գուցէ
Ռուսիոյ
կողմէն
իր
պաշտօնին
համաձայն
ընդունելութիւն
չգտնէ,
ռուսական
կառավարութեան
աննպաստ
տեղեկագիրը
ստորագրած
(ԻԶՄ.
581)
եւ
ուրիշ
աթոռէ
ձեռնադրուած
(66.
ԺՄՆ.
139)
ըլլալուն
համար,
որուն
պատասխանուեցաւ
թէ
ընդհակառակն
ռուսական
քաղաքականութեան
ալ
նպաստաւոր
պարագայ
մըն
է
Կիլիկիոյ
ներկայացուցիչին
Մայրաթոռոյ
հպատակութիւն
յայտնելը
եւ
Պետրբուրգի
նախարարութենէն
հաւանութիւն
ստացուեցաւ,
եւ
օգոստոս
26-ին
երկու
պատգամաւորներ
դեսպանին
ներկայացան
(ԻԶՄ.
579-584)
եւ
պատուով
ընդունուեցան:
Արդէն
յունիս
15-ին
պատրիարքին
կողմէն
սինոդին
հաղորդուած
էր
ընտրողական
նախապատրաստութեանց
սկսիլը
(ԻԶՄ.
546-558)
օգոստոս
26
թուականով
ի
դիմաց
վարչութեան
եւ
ի
դիմաց
Ընդհանուր
ժողովոյ
պատրիարքական
կոնդակներն
ալ
գրուեցան
(ԻԶՄ.
585-606),
եւ
առձեռն
հրահանգ
մըն
ալ
յանձնուեցաւ
անոնց
(ԻԶՄ.
606-614),
եւ
անմիջապէս
ուղեւորուեցան
եւ
պայմանեալ
օրը
արդէն
Էջմիածին
հասած
էին:
Մասնաւոր
եղելութիւնները
յետաձգելով
նախապէս
Մայրաթոռոյ
ընտրութեան
պատմութիւնը
պիտի
լրացնենք: