3060.
ՀԱՇՈՒԵՔՆՆՈՒԹԵԱՆ
ԸՆԹԱՑՔԸ
Հաշուեքննիչ
մասնախումբին
դառնալով,
սկսինք
յիշել
թէ
1905
յունիս
28-ին
գործի
ձեռնարկելով
(
ՏՂԿ.
Ա.
1),
միայն
1907
փետրուար
19-ին
իր
տեղեկագիրը
կը
մատուցանէր
(
ՏՂԿ.
Ա.
36),
որ
է
20
ամիսներու
երկարատեւ
միջոց
մը.
սակայն
մասնախումբը
կը
ջանայ
զինքն
արդարացնել
հանդիպած
արգելքները
յիշելով:
Իր
առաջին
նիստին
մէջ
Մաքսուտեանէ
կը
ստանայ
12
վանական
ելեւմուտքի
եւ
12
կշիռի
ցուցակներ
եւ
70
կտոր
վաճառմանց
եւ
գնմանց
եւ
շինութեանց
ցրիւ
թերթիկներ
(
ՏՂԿ.
Ա.
2),
ամէնն
ալ
պարզ
գրութիւններ
առանց
հաստատութեան
եւ
վաւերացման:
Միւս
կողմէն
մասնախումբին
կը
յանձնուին
Գայըգճեանի
ստորագրութեամբ
եւ
1905
փետրուար
9
թուականով
թուղթ
մը,
որ
Մաքսուտեանի
կը
վերագրէր
իբր
20.
000
լիրայի
զեղծումներ,
եւ
Մատթէոս
Գայըգճեան
ու
Մեսրոպ
Նշանեան
վարդապետներէ
պատրաստուած,
1905
յունիս
8
թուականով
59
էջերէ
բաղկացեալ
հաշիւներու
բացատրական
տեղեկագիր
մը,
որով
Մաքսուտեանի
կը
վերագրուին
14.
452
լիրայի
զեղծումներ
(
ՏՂԿ.
2):
Թուղթերու
քննութեան
չմտած
հաշուեպահանջներու
կողմէ
ներկայացուցիչ
մը
կ՚ուզուի,
եւ
այդ
պաշտօնին
կը
նշանակուի
Գայըգճեան,
որ
եւ
օգոստոս
27-ին
Երուսաղէմէ
կը
մեկնի.
բայց
այս
անգամ
ալ
քսութիւն
ու
մատնութիւն
վրայ
կը
հասնին
Գայըգճեանի
ուղեւորութիւնը
արգիլելու,
որով
նա
Յոպպէի
մէջ
կ՚արգիլուի
պետական
արգելքով
եւ
իրեն
վրայ
մատուցուած
ամբաստանութեանց
հետեւանքով:
Զարմանալի
էր
որ
այդ
փորձերը
իրենց
համար
յաջողութեամբ
պսակուած
չէին,
բայց
տակաւին
զանց
չէին
ըներ
միշտ
նոյն
տգեղ
միջոցին
դիմել,
հարկաւ
արդարութեան
զէնք
չունենալնուն
իրենց
տրամադրութեան:
Գայըգճեանի
արգիլուելուն
պարագան
Վեհապետեանը
կը
պարտաւորէ
Կ.
Պոլիս
զեկուցանել,
որ
քննութեան
համար
Գայըգճեանի
սպասուի
(
ՏՂԿ.
Ա.
3),
եւ
Վեհապետեան
Երուսաղէմէ
եւ
Օրմանեան
Կ.
Պոլիսէ
արգելքը
բառնալու
կ՚աշխատին.
իսկ
Գայըգճեան
մինչեւ
նոյեմբեր
15
Յոպպէի
մէջ
յուսադրութեամբ
սպասելէն
ձանձրացած,
Կիպրոսէ
դարձող
Սարաճեանի
հետ
Երուսաղէմ
կը
դառնայ,
բայց
ազատօրէն
նաւարկելու
հրամանն
ալ
ետեւէն
կը
հասնի,
եւ
իսկոյն
Յոպպէ
դառնալով,
դեկտեմբեր
1-ին
անտի
կը
մեկնի
եւ
12-ին
Կ.
Պոլիս
կը
մտնէ,
եւ
1906
յունուար
4-ին
մասնախումբին
կը
ներկայանայ
(
ՏՂԿ.
Ա.
3),
եւ
կը
սկսի
բացատրական
տեղեկագիրէն
(
ՏՂԿ.
Գ.
)
խօսիլ.
բայց
որովհետեւ
Մաքսուտեանի
առաջարկներուն
վրայ
ալ
բացատրութեանց
կը
հրաւիրուի,
որոնք
իրեն
եւ
վանքին
անծանօթ
էին,
պէտք
կ՚ըլլայ
պայմանաժամ
տալ,
որ
քննէ
եւ
զննէ,
թուղթերը
պատրիարքարանէ
չելլալու
պայմանով
(
ՏՂԿ.
Ա.
3):
Գայըգճեան
քանի
մը
ամիսներ
կը
դնէ
այս
աշխատութեան,
եւ
14.
462
լիրայի
զեղծումներու
նոր
ցուցակ
մը
կը
քաղէ,
բայց
բացատրական
տեղեկագիրին
մէջ
յիշուածներէն
տարբերող
գլուխներ
ալ
կազմելով,
ինչ
որ
բնական
էր
նոր
տեղեկութեանց
հանդիպելուն
եւ
ցրիւ
թերթերու
վրայ,
բայց
մասնախումբին
կարծել
կու
տայ
Մաքսուտեանի
դէմ
ամբաստանութիւններ
ենթադրական
կամ
կեղծ
ըլլան,
եւ
մինչեւ
աստիճան
մը
նախապաշարման
կը
մատնէ,
Մաքսուտեանի
թելադրութիւններէն
ալ
ազդուելով:
Մասնախումբը
իր
քննութեանց
կը
ձեռնարկէ
1906
մայիս
2-ին,
հինգ
մասերու
վերածելով
իր
նիւթը.
1.
Մատակարարութիւն,
2.
Կալուածք,
3.
Արժէթուղթ,
4.
Պահեստի
դրամ,
5.
Շինութիւնք:
Բայց
այս
թուականէն
համրելով
մինչեւ
տեղեկագիրի
լրումը`
դարձեալ
11
ամիսներու
երկարատեւ
եւ
պէտքէն
աւելի
միջոց
մըն
է
որ
կ՚անցնի,
Մաքսուտեանի
կողմէն
կանոնաւոր
հաշուեցոյց
ներկայացուած
չըլլալուն
պատճառով:
Մասնախումբին
առաջին
քայլերուն
պատմութենէ
իսկ
յայտնի
կը
տեսնուի,
թէ
նա
տեսակ
մը
ինքնուրոյն
ուղղութեամբ
գործի
կը
մտնէ,
երբոր
հրահանգին
ցուցած
հիմնական
նպատակը
զանց
ընելով,
որ
էր
Երուսաղէմի
աթոռին
ելեւմտական
կացութիւնը
ճշդութեամբ
եւ
ստուգութեամբ
պատկերացնել
(
ՊՃՆ.
53),
բոլոր
նպատակը
կը
դարձնէ
Մաքսուտեանի
հաշիւները
եւ
անոր
վերագրուած
զեղծումները
քննելու,
կարծես
այդ
եղած
ըլլար
իրեն
առաջադրուած
գործը,
մինչ
հրահանգին
մէջ
եւ
ոչ
իսկ
Մաքսուտեանի
անունը
յիշուած
էր:
Այդ
ուղղութեան
դուռ
բացողը
Մաքսուտեան
ինքն
էր
եղած,
իր
առաջին
խօսքերը
ոչ
օրինական
հաշուետուութենէ,
այլ
անձնապաշտպանութեան
բացատրութիւններէ
սկսելով
(
ՏՂԿ.
Ա.
1):
Այս
եղանակը
Մաքսուտեանի
ընթացքին
բնական
շարունակութիւնն
էր,
եւ
երկար
տարիներէ
ի
վեր
օրինական
հաշուետուութենէ
խուսափողը
պէտք
չէր
որ
մասնախումբին
առջեւ
ընկճուէր,
բայց
մասնախումբին
պարտքն
էր
զինքն
օրինական
ուղւոյն
դարձնել:
Մինչեւ
աստիճան
մը
հաշուեպահանջներն
ալ
պատասխանատու
են
այդ
շեղումին,
իրենց
նախնական
պահանջը,
այսինքն
հաշիւներու
օրինական
ներկայացումը
պնդելու
տեղ,
Մաքսուտեանի
գործողութեանց
մէջ
զեղծումներ
առարկելու
չէին:
Սակայն
ասոնց
միտքը
ոչ
այնչափ
Մաքսուտեանի
զեղծարարութիւնը
հետապնդելն
էր,
որչափ
հաշուոց
մէջ
թերութիւններ
ցոյց
տալով
օրինական
հաշուետուութեան
անհրաժեշտութեան
մասին
մտադրութիւն
հրաւիրել,
աւելի
տեղեկատուի
քան
դատախազի
դերը
վարել:
Անուրանալի
է
որ
հաշուեպահանջներ
եւ
իրենց
ներկայացուցիչ
Գայըգճեանը,
եւ
իրենց
փաստաբանութիւնը
վարող
Գայըգճեան
ու
Նշանեանը,
բաւական
բան
առանց
վաւերաթուղթի,
միայն
պատճառաբանութիւններով
եւ
եզրակացութիւններով
անցուցած
են
բացատրական
տեղեկագիրին
մէջ,
սակայն
այդ
թերութիւնը
աւելի
Մաքսուտեանի
վերագրելի
է,
որ
կանոնական
ձեւով
հաշուետուութենէ
խուսափելով,
հաշուեպահանջներուն
իրաւունք
տուած
է
իրենց
տեսութիւններով
եւ
բաղդատութիւններով
քննելի
կէտեր
ցուցնել:
Այդ
կէտերը
պէտք
էր
որ
մասնախումբը
հետապնդէր
եւ
միանգամայն
կանոնագիրին
պահանջներուն
ալ
մտադրութիւն
դարձնէր,
եւ
ներեալ
չէր
եօթանասուն
կտոր
զանազան
թուղթերը
իբր
օրինաւոր
հաշուետուութիւն
ընդունիլ,
եւ
անոնցմէ
տասն
եւ
չորսը
միայն
Գայըգճեանի
ներկայել
որ
հաշիւ
քաղէ,
զի
իր
հաշիւները
քաղելու
եւ
ներկայելու
պարտքը
հաշիւ
տուողին
վրայ
կը
ծանրանայ
եւ
ոչ
թէ
հաշիւ
պահանջողին
վրայ:
3061.
ՏԵՂԵԿԱԳԻՐԻՆ
ՊԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Զանց
կ՚ընենք
հետեւիլ
հաշուեքննիչ
մասնախումբին
գործողութեանց,
որոնք
կրնային
մեզ
երկարօրէն
զբաղեցնել
օրագրական
մանրամասնութեանց
առաջնորդելով,
եւ
կ՚անցնինք
ամփոփում
մը
տալ
1907
փետրուար
19-ի
տեղեկագիրին,
զոր
գրի
առած
է
մասնախումբին
անդամներէն
Սեթեան
Միհրան,
իբրեւ
հաշուագէտ
ատենադպիր,
թէպէտ
չորսերն
ալ
հաշուական
գործերու
վարժ
անձեր
էին:
Մասնախումբին
կազմած
հինգ
ճիւղերէն
առաջինին
մասին
թուանշանները
հակիրճ
ամփոփում
մը
կը
ներկայեն,
որուն
մէջ
զանազան
գումարներ
հաշուեցոյցերէն
տարբեր
են
առանց
տարբերութեանց
բացատրութիւնը
տալու,
գլխաւորապէս
մատակարարական
ճիւղին
բացը
նախապէս
32.
627
ցուցուելէն
ետքը
(
ՏՂԿ.
Ա.
5),
վերջը
28.
889
ըսուած
է
(
ՏՂԿ.
Ա.
9)
առանց
ուրիշ
բացատրութիւն
աւելցնելու:
Դիտուած
է
իրաւ
որ
հաշուեցոյցերը
ըստ
կանոնի
միաբանական
ժողովոյ
ներկայացուած
չըլլալէն
զատ
բացատրական
տեղեկագիրներ
ալ
չեն
պատրաստուած
տնօրէն
ժողովէն
(
ՏՂԿ.
Ա.
4),
եւ
թէ
կարեւոր
նորոգութիւններ
եւ
մեծածախս
բարեզարդութիւններ
չեն
եղած,
եւ
վարժարանի,
տպարանի
եւ
այլ
հաստատութեանց
զարկ
չէ
տրուած.
որ
ահագին
բացը
արդարանար
(
ՏՂԿ.
Ա.
9),
բայց
տակաւին
Մաքսուտեան
չմեղադրուիր,
նկատելով
զայն
իբրեւ
անմեղուկ
ստորակարգեալ
պաշտօնեայ
մը,
առանց
իսկ
միտքէ
անցունելու,
որ
տնօրէն
ժողով
ըսուածը
նոյն
ինքն
է,
որ
իբր
ատենապետ
կը
գործէ
կազմակերպութիւնը
կորուսած
տնօրէնի
մը
գլուխն
անցած,
եւ
մէկ
երդուեալ
եւ
երկու
միամիտ
ընկերներու
միտքն
ու
կամքը
իր
ձեռքն
անցուցած,
որոնք
եւ
ոչ
իսկ
թուանշաններու
յարաբերութեանց
մտադրութիւն
կը
դարձնեն,
կամ
ինչպէս
ինքն
Մաքսուտեան
յայտարարած
է,
հաշիւէ
ալ
չեն
հասկնար
(07.
ԱՐԼ.
6438),
իբր
ատենապետ
կը
վաւերացնէ
ինչ
որ
իբր
տեսուչ
կը
գործէ.
իսկ
պատրիարքը
ներքին
ցաւը
դուրս
չհանելու
նախնական
ուղղութեամբը
յանձն
կ՚առնէ
համակերպիլ,
մինչեւ
որ
ցաւը
անբուժելի
եւ
ցաւագարը
անբժշկելի
տեսնելով
համակերպութեան
ընթացքին
վերջ
տայ:
Կալուածոց
ճիւղը
կազմուած
է
պարզ
յայտարարութեամբ
նոյն
անձին,
որուն
հաշիւները
քննել
յանձն
առած
է
մասնախումբը,
առանց
ուրիշ
որեւէ
մուրհակի
կամ
վաւերագիրի:
Աղեքսանդրիոյ
գետնին
գինը
որ
մատակարարութեան
ճիւղին
մէջ
իբր
հասոյթ
յիշուած
էր
(
ՏՂԿ.
Ա.
5)
այստեղ
նորէն
երեւան
կու
գայ
(
ՏՂԿ.
Ա.
11),
իսկ
այստեղ
յիշուածներ
այնտեղ
չեն
յիշուիր:
Վաճառումներ
յառաջ
կը
բերուին,
որոնց
մէջ
մինչեւ
իսկ
492
լիրայ
վաճառման
գինին
վրայ
269
ծախք
կը
զեղչուի,
եւ
մասնախումբը
մտադրութիւն
չդարձներ
(
ՏՂԿ.
Ա.
11),
զի
Մաքսուտեան
կը
վկայէ
թէ
տնօրէն
ժողովը,
իմա'
ինքը,
հաւանած
է,
ինչպէս
արդէն
բացատրեցինք:
Աղեքսանդրիոյ
գետնին
վաճառման
մէջ
անարդարանալի
կէտեր
կը
տեսնէ
մասնախումբը,
բայց
միշտ
տեսուչը
կ՚արդարացնէ,
վասնզի
տնօրէնը
հաւանած
է,
թէպէտ
ատենագրութեան
ալ
անցած
չէ:
Մասնախումբը
հետապնդած
չէ
թէ
վաճառուածները
գնուածներէն
աւելի
յարգի
ու
շահեկան
չէի՞ն
արդեօք,
եւ
կատարուած
փոխանցումները
անձնական
օգուտներու
առիթ
ընծայելու
համար
պատրաստուած
չե՞ն
արդեօք:
Մասնախումբը
աւելի
լաւ
ըրած
կ՚ըլլար
եթէ
քանի
մը
դիտողութիւններն
ալ
բոլորովին
զանց
ընէր
եւ
լռէր
միտքեր
չարթնցնելու
համար,
քան
թէ
սնոտի
եւ
վարկպարազի
բացատրութիւններով
արդարացնէր:
Արժէթուղթերու
վաճառմանց
եւ
անոնց
գիներուն
կիրառմանց
մէջ
մասնախումբը
բոլոր
ոյժը
կը
դնէ
պնդելու
թէ
արդար
չգտանք
պատասխանատուութեան
ենթարկել
Ղեւոնդ
վարդապետը
(
ՏՂԿ.
Ա.
18),
միշտ
միեւնոյն
մտայնութեամբ
Մաքսուտեանը
արդարացնելու,
եւ
ոչ
Երուսաղէմի
ելեւմտական
վիճակը
պատկերացնելու:
Ստոյգ
է
որ
արժէթղթոց
գործին
մէջ
Եսայի
պատրիարք,
Սիմէոն
փոխանորդ,
Իսահակ
լուսարարապետ
ալ
մասնակցած
են.
սակայն
նոյն
չափ
ստոյգ
է
որ
գործը
վարողը
Մաքսուտեան
եղած
է,
վաճառուածներուն
գինը
ինքը
գանձած,
եւ
արտադրուած
գումարը
ինքը
գործածած
է,
բայց
ինչի՞
ծառայած
ըլլալնին
պարզ
չէ.
երբեմն
ընդհանուր
մատակարարութեան
կը
խառնուին,
եւ
երբեմն
ինքնուրոյն
հաշիւ
կը
կազմեն.
կան
եւս
մեծ
պարգեւ
շահող
եւ
անյայտ
եղող
թիւերու
գաղտնիքներ,
որոնք
երեւան
եկած
են
մտերմական
նամակներէն:
Պահեստի
գումարի
գլուխը
բացատրած
ենք
արդէն
(§
3651),
բայց
գործերու
եւ
գիրերու
կարգը
կը
պահանջէ,
նորէն
դիմաց
ելնելուն
յիշեցնել
անոր
ստեղծուելուն
գաղտնիքը,
եւ
վերջէն
իւրացուելուն
պարագան.
նշանաւոր
դրուագներ,
պարտքը
շահի
հետ
շփոթելու
մտայնութիւն,
որոնք
մասնախումբի
մտադրութենէն
վրիպած
են,
եւ
պահեստի
դրամ
գլուխը
իբր
հանճարեղ
գիւտ
մը
գովուած
է,
հանճարեղ,
այո',
բայց
յօգուտ
տեսչին
եւ
ոչ
տեսչութեան,
Մաքսուտեանը
դրամի
տէր
եւ
աթոռը
պարտքի
տէր
ընելու
նպատակով:
Շինութեանց
հաշիւներով
երկարօրէն
կը
զբաղի
մասնախումբին
տեղեկագիրը
(
ՏՂԿ.
20-30),
բայց
ձեռքը
ոչ
հաշիւ
ունի
եւ
ոչ
հաշուեցոյց,
ոչ
վաւերագիր
եւ
ոչ
վկայութիւն,
այլ
միայն
Մաքսուտեանի
խօսքը
եւ
ցրիւ
թերթիկներու
հաւաքածոյ
մը
իր
գիրով
եւ
իր
կողմէ
կազմուած,
որոնք
որեւիցէ
ատեն
կրնային
պատրաստուիլ
ըստ
պիտոյից:
Մասնախումբը
իր
եզրակացութեան
մէջ
կը
խոստովանի,
թէ
հաշիւները
չեն
այնքան
պարզ
որքան
փափաքելի
էր
(
ՏՂԿ.
Ա.
29),
կ՚ընդունի
եւս
թէ
պէտք
է
որ
Սուրբ
Աթոռոյ
տոմարաց
մէջ
արձանագրուած
ըլլային
(
ՏՂԿ.
Ա.
30),
բայց
այս
դիտողութիւններով
մէկտեղ
ընդունելի
կը
դատէ
Մաքսուտեանի
իրեն
համար
տուած
վկայութիւնը
իբրեւ
Մաքսուտեանի
արդարացուցիչ,
եւ
տասն
ու
քսան
հազար
ոսկւոյ
լրացած
շինութիւն
մը
մէկ
տողով
ցուցուած
ծախքը
ծախսող
Մաքսուտեանի
բերնէն
իբրեւ
արդարացուցման
փաստ
կ՚ընդունի.
իսկ
Գայըգճեանի
եւ
Նշանեանի
պատճառաբանութեամբ
եւ
բաղդատութեամբ
եւ
երրորդներու
վկայութեամբ
յառաջ
բերած
առարկութիւնները
անընդունելի
կը
գտնէ:
Այդ
առարկութիւններէն
13
գլուխներ
յառաջ
կը
բերէ
(
ՏՂԿ.
Ա.
30-34),
բայց
եւ
ոչ
իսկ
քննութեան
ենթարկելու
հարկ
կը
տեսնէ,
թէպէտ
եւ
յառաջ
բերուածները
տոմարներու
եւ
տետրակներու
մէջ
տեսնուած
յայտնի
խեղաթիւրումներ
կը
մատնանշեն,
թուականներու
եւ
թուահամարներու
անյարմարութեամբ
կատարուած
յաւելուածներ
կը
ներկայեն,
մասնախումբը
կը
բաւականանայ
Մաքսուտեանի
խօսքով,
եւ
եթէ
այն
ալ
չըլլայ,
ինքնաբերաբար
ալ
կը
վճռէ,
թէ
ըստ
մեզ
կիրքէ
բղխած
է
եւ
հետեւաբար
զուրկ
է
կարեւորութենէ:
Գեղեցիկ
է
ըստ
մեզ
փաստը,
որուն
հիմ
կը
կազմէ
թէ
Մաքսուտեան
հաստատած
է
այժմեան
տոմարական
կազմակերպութիւնը
(
ՏՂԿ.
Ա.
33),
մինչ
վաճառմանց
եւ
գնմանց
շինութեանց
հաշիւներ
տոմարական
կազմակերպութենէ
դուրս
մնացած
են,
եւ
տոմարական
կազմակերպութիւնն
ալ
երկսայրի
սուր
մըն
է,
ինչպէս
եւ
խօսքը,
որուն
համար
ըսուած
է
թէ
միտքին
մտածումները
ծածկելու
համար
ստեղծուած
է:
3062.
ՏԵՂԵԿԱԳԻՐԻՆ
ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ
Այս
քննադատական
ամփոփումը
հիմնուած
է
տեղեկագիրին
այն
մասին
վրայ,
զոր
չորս
անդամակիցներ
ստորագրած
են
(
ՏՂԿ.
Ա.
36).
սակայն
երբոր
Երուսաղէմի
հաշիւները
վաւերացնելու
եւ
կատարուած
ելեւմտական
մատակարարութիւնը
արդարացնելու
եւ
գովաբանելու
կարգը
եկաւ,
մասնախումբի
չորս
անդամները
երկուքի
բաժնուեցան:
Ասլանեան
եւ
Սուրէնեան
հաշուական
գիտութեանց
հմուտ
եւ
ելեւմտական
վարչութեան
փորձառու,
եւ
աւելի
ազատ
տեսութեանց
օգտակար
չէին
տեսնար
կատարուած
շինութիւնները,
շահաւէտ
չէին
դատեր
կատարուած
փոխանցումները,
գնահատելի
չէին
գտներ
մատակարարական
ձեռնարկները,
քննադատելի
կը
գտնէին
ընդհանուր
կացութիւնը,
եւ
կը
հետեւցնէին
թէ
Ղեւոնդ
վարդապետի
ներկայացուցած
ելեւմտից
վիճակը
հեռի
է
իբր
արգասիք
բարւոք
մատակարարութեան
գնահատելի
ըլլալէ:
Մատթէոս
վարդապետի
առարկութիւններն
ալ
լաւ
ուսումնասիրուած
չեն
դատեր
եւ
կը
թելադրեն
նորինորոյ
եւ
նոր
անձերով
կազմել
վանքին
մատակարարութեան
պաշտօնէութիւնը
(
ՏՂԿ.
Ա.
40):
Ասոր
վրայ
միւս
երկու
ընկերներ
Խտրեան
եւ
Սեթեան,
նորէն
գրիչը
ձեռք
կ՚առնեն
Մաքսուտեանի
գործերը
արդար,
մատակարարութիւնը
հանճարեղ,
ձեռնարկները
օրինաւոր,
վիճակը
յաջող
եւ
արդիւնքը
օգտակար
ցուցնելու,
բան
մը
որուն
պարզ
պատմական
եղելութիւններն
ու
առաջին
ակնարկով
կազմուած
ըմբռնումներն
ալ
չեն
նպաստեր,
եւ
Խտրեանի
ու
Սեթեանի
շահուած
կամ
նախապաշարուած
ըլլալը
կասկածել
կու
տան:
Եթէ
Խտրեանը
իբրեւ
հինաւուրց
պետական
պաշտօնեայ
եւ
արտաքին
գործոց
նախարարութեան
ելեւմտական
տեսուչ,
ընդունակ
ալ
ենթադրենք
այդ
շրջանակներուն
մէջ
գործածուած
միջոցներով
ազդուելու,
նոյնը
պիտի
չկարենանք
կասկածիլ
Սեթեանի
մասին,
ազատ
եւ
անկախ
առեւտրական
մը,
բնութեամբ
խստապահանջ
եւ
գործով
ուղիղ
ճանչցուած:
Սակայն
այսպիսիներն
ալ
ընդունակ
են
տարբեր
ազդեցութիւններով
շեղուիլ.
նախ
շլացուցիչ
երեւոյթներով
եւ
ճարտար
դարձուածներով
զգածուիլ,
եւ
յետոյ
կազմուած
մտայնութեան
վրայ
յամառօրէն
պնդել,
մինչեւ
իսկ
գործնական
անձեր
որեւէ
արդիւնքի
մը
առջեւ
շատ
մը
անտեղութեանց
աչք
գոցել:
Միհրան
Սեթեանի
այդ
վիճակին
մէջ
ինկած
ըլլալը
տեղի
ունեցաւ
շինութեանց
լուսանկարներով
եւ
վարձքերու
ցուցակներով,
եւ
յայտնի
տեսնուեցաւ
իր
իսկ
բերանացի
յայտարարութիւններով,
երբոր
իր
կազմած
տեղեկագիրը
վարչական
խառն
ժողովին
կողմէ
ընդունելութիւն
չգտաւ:
Միւս
կողմէն
ալ
հաշուեպահանջներուն
իրաւանց
պաշտպանութիւնը,
եւ
Գայըգճեան
ու
Նշանեան
բացատրական
տեղեկագիրին
արդիւնքը
շատ
աւելի
յաջող
եղած
պիտի
ըլլար,
եթէ
փաստաբանութիւնը
վարողը
իր
ուղիղ
տեսութեանց
հետ
նոյնչափ
ալ
ճարտար
ըլլար
իր
բացատրութեանց
մէջ,
եւ
փոխանակ
յուզուելու
ենթակայ
եւ
յուզելու
առարկայ
ըլլալու,
եզրակացութիւնները
նախապատրաստական
փաստերէն
առաջ
չանցնէր,
համոզիչ
կերպով
եւ
տրամաբանական
կապակցութիւններով
ունկնդիրները
գրաւէր,
եւ
մանաւանդ
ոյժ
տար
հաշուեպահանջութեան
սկզբունքին,
կատարեալ
հաշիւ
պահանջէր
զեղծումները
պնդելէ
առաջ,
որպէսզի
իր
դիտողութիւնները
հաստատուն
գետնի
վրայ
ամրացած
ըլլային:
Այդ
ճարտարութիւնը
պակսեցաւ
Գայըգճեանի,
եւ
այս
եղաւ
պատճառը
որ
մասնախումբին
երկու
բաժիններէն
ալ
չգնահատուեցաւ
իր
աշխատութիւնը:
Պատասխանատուութենէ
ազատ
պիտի
չկարենանք
ըսել
Օրմանեանն
ալ,
որ
չափազանցեալ
խոհեմութեամբ
կամ
թէ
վերապահեալ
մտայնութեամբ
յանձն
չառաւ
մասնախումբին
նախագահել,
ուր
իր
դիրքովը
եւ
ձիրքովը,
նիւթին
ուսումնասիրութեամբը
եւ
կարգապահական
փորձառութեամբը,
պիտի
կարենար
գործին
ուղիղ
ընթացքը
պահել
եւ
պահել
տալ,
ինչպէս
որ
ծրագրած
հրահանգովը
յանձնարարած
էր,
եւ
աթոռին
ելեւմտական
վիճակը
պատկերացնելէն
առաջ
պիտի
չներէր
զբաղիլ
ոչ
Գայըգճեանի
առարկութիւններով
եւ
ոչ
Մաքսուտեանի
ջատագովութիւններով,
եւ
առաջին
գործը
պիտի
ըլլար
անջատ
եւ
ինքնուրոյն
հաշիւները
ընդհանուր
միութեան
մը
վերածել,
ինչպէս
մի
էր
հասոյթին
տիրական
եւ
ծախքին
պարտական
Երուսաղէմի
աթոռը,
եւ
ոչ
ալ
ասպարէզ
պիտի
տար
Մաքսուտեանի
յաւակնութեանց,
շինութիւնները
իբր
աթոռէն
անկախ
գործեր
ցուցնելու,
որոնց
հաշիւը
տալու
պարտաւոր
չէր,
եւ
ամէն
բան
աւարտելէն
ետքը
տեղեկութիւն
կրնար
տալ
(
ՏՂԿ.
Ա.
1):
Հարկաւ
այն
ատեն
գործը
յստակ
եւ
շփոթէ
զերծ
եւ
ճապաղումէ
ազատ
եղած
կ՚ըլլար,
եթէ
մասնախումբը
վարելու
գործը
Խտրեանի
տեղ
Օրմանեան
ինքն
ստանձնած
ըլլար,
մինչ
իր
քաշուելովը
գործին
քաշքշուելուն
պատճառ
տուաւ:
3063.
ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՈՐՈՇՈՒՄԸ
Փետրուար
19-ի
տեղեկագիրը
21-ին
խառն
ժողովին
ներկայացուեցաւ,
ուր
ատենապետ
Գաբրիէլ
Նորատունկեան
խնդիրին
մասին
տեսումը
պարզեց,
եւ
որոշուեցաւ
պատճէնները
բազմագրելով
իւրաքանչիւրը
ժողովականի
ուսումնասիրութեան
յանձնել
(07.
ԱՐԼ.
6421),
եւ
միանգամայն
կրօնականի
եւ
քաղաքականի
ատենապետներուն
եւ
դերատենապետներուն
յանձնուեցաւ
ուսումնասիրելէ
ետքը
եզրակացութիւնը
գրաւոր
ներկայել
ժողովին
խորհրդակցութեան
(07.
ԱՐԼ.
6422):
Ատենապետներ
պատրիարքին
տունը
երեք
անգամ
հաւաքուեցան,
գլխաւորը
մարտ
9-ին,
վերջինը
12-ին,
Մաքսուտեանն
ու
Գայըգճեանը
նորէն
լսեցին
եւ
կազմուած
բանաձեւը
մարտ
14-ի
գումարման
առաջարկեցին,
որ
պարտուպատշաճ
խորհրդածութիւններէ
ետքը
ամբողջովին
ընդունուեցաւ
եւ
հաստատուեցաւ,
եւ
նախագահին
յանձնուեցաւ,
ի
գործադրութիւն
(07.
ԱՐԼ.
6439):
Բանաձեւը
բաւական
ընդարձակ
գրուած
մըն
է
(07.
ԲԻԶ.
3187)
որուն
սկիզբը
յառաջ
կը
բերուին
Երուսաղէմի
կանոնագիրին
հաշուական
յօդուածները
(
ՏՂԿ.
Բ.
1),
կը
յայտարարուի
թէ
Երուսաղէմի
աթոռին
պարտքը
32.
627
լիրայի
հասած
է,
եւ
կազմուած
է
տոկոսաւոր
պարտքերէ,
անոնց
տոկոսներէ,
մատակարարական
բացէ
եւ
շինութեանց
ծախքերէ:
Բանաձեւը
կ՚անցնի
նկատել
պարտքերուն
հետզհետէ
աճումը
(
ՏՂԿ.
Բ.
2),
կը
թուէ
մատակարարական
պակասութիւնները,
անխորհուրդ
ծախքերը,
ելեւմտացոյցի
պակասը,
անշրջահայեաց
ծախսարարութիւնները,
անհաշիւ
շինութիւնները,
ենթադրական
ձեռնարկները,
եւ
յատկապէս
առանց
տոմարի
աննշանակ
թերթիկներով
հաշիւ
տեսնուիլը
(
ՏՂԿ.
Բ.
3),
կանոնագիրին
հակառակ
գործողութիւնները,
ելեւմտից
տեսուչին
տնօրէն
ժողովին
ատենապետելը,
միաբանական
ժողովին
հաշիւ
չներկայացուիլը,
եւ
տնօրէնին
հաստատութեան
անբաւականութիւնը:
Կը
յայտնէ
եւս
թէ
այս
անտեղի
գործոց
պատասխանատուութիւնը
գլխաւորաբար
կը
ծանրանայ
Տէր
Ղեւոնդ
Մաքսուտեան
վարդապետի
վրայ
(
ՏՂԿ.
Բ.
4):
Իսկ
տեղեկագիրը
պակասաւոր
կը
գտնէ
այս
կէտը
նկատի
չառնելուն,
եւ
միանգամայն
իրմէ
պահանջուած
Երուսաղէմի
աթոռին
ելեւմտական
կացութեամբ
չզբաղելուն
եւ
չներկայանալուն
համար,
եւ
կը
պահանջէ
վանքին
ելեւմտից
վիճակին
վերջնական
պատկերն
ունենալ
ի
ձեռին,
կալուածոց
եւ
շինութեանց
հաշիւն
ալ
անցունելով
նոյն
աթոռոյ
հաշուետումարին
մէջ:
Այս
տեսութիւններուն
հիմնուելով
կ՚առաջարկէ
նախ.
1893-է
ասդին
բոլոր
հաշիւները
միաբանական
ժողովին
հաստատել
տալ
տոմարներու
հետ
բաղդատելով:
2.
Կազմել
տալ
մինչեւ
ապրիլ
1907
պակաս
հաշուեցոյցերը
շինութեանց
մասերն
ալ
միասին:
3.
Պատրաստել
եւ
կեդրոնին
ներկայել
յաջորդ
տարւոյ
ելեւմտացոյցը:
4.
Կեդրոնին
ներկայել
ամէն
կարգի
հասոյթներուն
ու
ծախքերուն,
կալուածոց
ու
սեփականութեանց
ցուցակները,
եւ
պարտատէրներու
ու
պարտապաններու
ցանկերը:
5.
Նորէն
կազմել
վանքին
վարիչ
մարմինը:
6.
Եկեղեցական
եւ
աշխարհական
երկու
պատուիրակ
յղել
Երուսաղէմ
այդ
ամէնը
գործադրել
տալու:
7.
Նոր
ընտրելի
տնօրէնէն
պահանջել
նորստացիկ
կալուածոց
մասին
տեսութիւններ
ճարտարապետական
գնահատումներով:
Եւ
վերջապէս
8.
բանաձեւը
պատասխանատու
կը
գտնէ
գլխաւորաբար
զՂեւոնդ
վարդապետ
Մաքսուտեան
իրաց
անկերպարան
վիճակին,
շփոթ
կացութեան
եւ
անգոհացուցիչ
արդեանց
(
ՏՂԿ.
Բ.
5):
Այդ
բանաձեւը
դարձեալ
իրերը
քննութենէ
առաջուան
վիճակին
կը
դարձնէր,
սակայն
երկամեայ
միջոցի
մը
անօգուտ
կորուստէն
ետքը:
Նոր
պատուիրակութիւն
յղելու
պէտքը
կը
ծագէր
այն
խոստովանութենէն
զոր
մասնախումբի
անդամներ
եւ
Երուսաղէմի
հին
ու
նոր
տեսուչներ
կը
յայտնէին,
թէ
կեդրոնին
մէջ
չեն
գտնուիր
պահանջուած
ցուցակները
ու
հաշուետոմարները,
տեղեկութիւններն
ու
վաւերաթուղթերը,
սակայն
մասնախումբին
պարտքն
էր
որ
կանուխէն
այդ
պակասը
զգացնէր
ու
վարչութիւնն
ալ
պատշաճը
տնօրինէր,
եւ
ինքն
ալ
Մաքսուտեանի
անհիմն
պաշտպանութեամբ
ժամավաճառ
չըլլար:
Փետրուար
19-ի
տեղեկագիրը
ամբողջապէս
հրատարակուեցաւ
(07.
ԱՐԼ.
6434-6439),
եւ
հանրութեան
ըմբռնումն
ալ
խստիւ
քննադատեց
անոր
պարունակութիւնը
եւ
աննպատակ
ջանքը
(07.
ԱՐԼ.
6438):
Ընդունուած
բանաձեւը
ստորագրած
էին
կրօնականէն
Գրիգորիս
Յովհաննէսեան
եւ
Վահրամ
Մանկունի
եպիսկոպոսները,
առաջինը
իբր
հիւանդ
ատենապետ
Մեսրոպ
Սուքիասեան
եպիսկոպոսը
փոխանակող
եւ
երկրորդը
իբր
դերատենապետ.
իսկ
քաղաքականէն
ստորագրած
էին
Գաբրիէլ
Նորատունկեան
ատենապետ
եւ
Տիրան
Աշնան
դերատենապետ
(07.
ԱՐԼ.
6439),
իսկ
վարչական
գումարման
ներկայ
էին
եղած
իննական
անդամներ
երկու
ժողովներէն:
Անցողակի
ակնարկենք
թէ
նախորդ
1906
յուլիսին
նորէն
կազմուած
էին
վարչական
ժողովները
ինչպէս
պիտի
պատմենք,
երբոր
Երուսաղէմի
խնդիրը
սպառելով
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքարանի
ներքին
գործերուն
դառնանք,
բայց
տակաւին
շարունակենք
Երուսաղէմի
խնդիրին
ընթացքը,
կապակցութիւնները
չկորսնցնելու
համար:
3064.
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ
ԳՈՐԾԵՐ
Շատոնց
էր
որ
Երուսաղէմի
միաբանական
կեանքը
իր
կանոնական
ընթացքը
կորուսեր
էր,
եւ
կուսակցական
ներհակընդդէմ
պայքարին
մէջ,
եւ
կեդրոնի
որոշողութեան
տարապայման
յապաղելուն
պատճառով
զայն
վերանորոգել
դիւրին
չէր,
ուստի
պատրիարքական
բարձր
իշխանութեամբ
եւ
առժամեայ
կարգադրութիւններով
կը
հոգացուէին
աթոռական
վարչութիւնը
եւ
վանական
մատակարարութիւնը,
առժամեայ
տնօրէն,
առժամեայ
լուսարարապետ,
առժամեայ
պաշտօնէութիւններ:
Միաբանական
ժողով
չէր
գումարուած
1903
յունիս
10-ի
Ազարեանի
ընտրութեան
ժողովէն
ի
վեր,
եւ
յաջորդը
գումարուեցաւ
1907
փետրուար
25-ին,
Եալովայի
ագարակին
իբր
անտէրունչ
(
մահլիւլ
)
նկատուելուն
եւ
պետական
գրաւման
վտանգին
առջեւն
առնելու
համար
(07.
ՄԻԱ.
529):
Թերեւս
նախաքննիչ
մասնախումբին
այն
օրեր
իր
գործը
աւարտած
ըլլալուն
պարզ
լուրը
լաւ
մեկնուած
եւ
հաշուեպահանջներուն
նոր
քաջալերութիւն
տուած
էր,
ինչպէս
կը
հետեւին
խումբին
խիզախներէն
Տէրտէրեանի
ատենապետ
(07.
ՄԻԱ.
530)
եւ
Նշանեանի
դերատենապետ
ընտրուելէն
(07.
ՄԻԱ.
2),
եւ
հաշուեխոյսներու
դիտմամբ
նիստէն
բացակայելէն
(07.
ՄԻԱ.
535):
Այս
ժողովէն
քիչ
ետքն
էր
որ
մարտ
14-ի
որոշմամբ
կեդրոնը
եւս
քանզեւս
զօրացուցած
էր
հաշուեպահանջները,
ուստի
մարտ
18-ին
նոր
միաբանական
ժողով
գումարուեցաւ
կանոնական
ընտրութեամբ
տնօրէն
ժողով
հաստատելու,
բայց
յարմարագոյն
դատուեցաւ
մերձաւոր
ելեւմտական
տարեգլուխին
յետաձգել,
որ
առժամեայն
իր
համարատուութիւնն
ալ
կարենայ
կատարել
(07.
ՄԻԱ.
11):
Այս
միջոցին
Գայըգճեան
ալ
Կ.
Պոլսոյ
պաշտօնը
լրացուցած
ըլլալով,
մարտ
31-ին
անտի
մեկնած
եւ
ապրիլ
10-ին
Երուսաղէմ
դառնալով
ձեռք
առած
էր
ելեւմտից
տեսչութիւնը,
զոր
իր
բացակայութեան
փոխադարձաբար
վարած
էր
Ոսկերիչեան
Մովսէս
վարդապետը:
Գայըգճեան
ընդարձակ
տեղեկութիւններ
եւ
պատճէններ
բերած
էր
վարչական
բանաձեւին
եւ
որոշումին
մասին,
եւ
Յարութիւն
պատրիարք
ալ
յատուկ
շնորհակալութեան
գիր
ուղղած
էր
կեդրոնին
(07.
ԲԻԶ.
3216):
Մինչեւ
որ
առժամեայ
տնօրէնը
իր
համարատուութիւնը
պատրաստէր,
մայիս
2-ին
դարձեալ
ընդհանուր
ժողով
գումարուեցաւ,
որուն
մէջ
հաշուեխոյսներէ
10
ստորագրութեամբ
գրութիւն
մը
ներկայացուեցաւ,
որ
մտադրութեան
արժանի
չհամարուեցաւ
(07.
ՄԻԱ.
13-15),
յետոյ
կանոնագիրի
վերաքննութեան
մասնաժողով
մը
ընտրուեցաւ
եօթն
անձանց
անդամակցութեամբ,
որ
եղան,
Գայըգճեան,
Պետրոս
Սարաճեան,
Վահան
Քէշիշեան
եւ
Յարութիւն
Պարոնեան
վարդապետներ
եւ
Եօթնեղբայրեան
սարկաւագ
(07.
ՄԻԱ.
19),
վերջին
երկուքը
միայն
հաշուեխոյսներու
խումբէն:
Նախագահ
պատրիարքը
առաջարկած
էր
լուսարարապետի
ընտրութիւն
կատարել,
եւ
ընտրելի
լուսարարապետին
ինչ
իրաւամբ
եւ
ինչ
պարտաւորութեամբ
պաշտօնավարելուն
մասին
խորհրդակցութիւններէ,
եւ
գանձատան
բանալին
չորս
անդամէ
բաղկացեալ
յանձնաժողով
մը
պահելու
մասին
որոշում
տրուելէն
ետքը,
առաջին
քուէարկութեամբ
եւ
36
քուէարկուներու
20
քուէով
լուսարարապետ
ընտրուեցաւ
Դաւիթ
վարդապետ
Տէրտէրեան.
մերձաւորագոյնն
էր
Սամուէլ
վարդապետ
Կիրակոսեան
միայն
4
քուէով,
եւ
6
սպիտակ
քուէներ
ելան:
Տէրտէրեան
ատենապետ
գտնուելուն`
փոխատենապետ
Նշանեան
հռչակեց
ընտրութիւնը
(07.
ՄԻԱ.
30),
եւ
Տէրտէրեան
դարձեալ
ատենապետութեան
անցաւ
ժողովը
շարունակելու:
Յարութիւն
պատրիարք
առանձին
գրութեամբ
կ՚առաջարկէր
ժողովին
թէ
Գէորգ
եպիսկոպոս
Երէցեանը
փոխանորդութեան
պաշտօնէն
դադրեցուցած
է
(§
3059),
եւ
թէ
հետեւորդ
պատճառներով
հարկ
կը
տեսնէ
զինքն
միաբանութենէ
ալ
արտաքսել:
Պաշտօնանկութեան
պատճառ
ցուցուած
էին,
թէ
Ղեւոնդ
վարդապետի
թեւ
թիկունք
ըլլալով
կը
պաշտպանէր
անոր
ապօրէն
ուղղութիւնը
ի
մասին
հաշուետուութեան,
թէ
այդ
նպատակով
սուրբ
աթոռոյս
դարաւոր
եւ
բազմամեայ
հաւատարմութիւնն
կասկածի
տակ
ձգելու
ամէն
միջոց
անխտիր
կը
գործածէր
(07.
ՄԻԱ.
32),
բայց
յայտնի
ըսուած
չէր
կայսեր
դէմ
մահափորձին
պարագայն
լռելը:
Իսկ
խորհրդակցութեան
մէջ
իր
պաշտպաններն
ալ
կ՚ընդունէին,
թէ
իրաւ
է
որ
Գէորգ
եպիսկոպոս
Եալովայի
ագարակին
խնդիրը
յուզուելուն
պատճառ
եղած
է
(07.
ՄԻԱ.
34):
Իսկ
արտաքսման
մասին
պատճառ
ցուցուած
էր
վանք
դառնալու
համար
կրկին
ու
կրկին
տրուած
հրամանին
անսաստելը,
եւ
քիչ
առաջ
յունուար
12-ի
վախճանած
Մարկոսեան
Մամբրէ
եպիսկոպոսին
քովէն
ելած,
միաբանական
ուխտին
մէջ
կիրքեր
արծարծելու
եւ
անհամաձայնութիւնը
տեւական
ընելու
հոգւով
գրուած
նամակները
(07.
ՄԻԱ.
33):
Այս
խնդիրն
ալ
թերուդէմ
վիճաբանութիւններէ
ետքը
14-ի
դէմ
18
քուէով
ընդունուեցաւ
եւ
հաստատուեցաւ
պատրիարքին
առաջարկը,
եւ
Գէորգ
եպիսկոպոս
Երէցեան
միաբանութենէ
արտաքսեալ
հռչակուեցաւ
(07.
ՄԻԱ.
37):
Այս
տեղ
աւելցնենք
որ
Երէցեանի
փոխանորդութենէ
հանուելուն
վրայ,
Խապայեան
իր
ընկերակիցին
մխիթարութեան
համար
Խրիմեանի
միջնորդած
էր
արքութեան
պատիւ
շնորհել,
միասին
խառնելով
իր
օծակցին
Մարկոսեանի
անունն
ալ:
Խրիմեան
չէր
ուզած
միջնորդութիւնը
մերժել.
սակայն
երկու
կոնդակները
առանց
նամակի
ուղղակի
Օրմանեանի
էր
յղած,
անշուշտ
վերապահեալ
դիտումով
մը,
զի
Օրմանեանի
դերը
թղթատարի
պաշտօնը
չէր
կրնար
ենթադրուիլ:
Մարկոսեան
մեռած
էր
կոնդակներուն
հասած
ատենը,
բայց
երկուքն
ալ
Երուսաղէմի
միաբաններն
էին
եւ
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքութեան
հետ
կապ
չունէին,
ուստի
Օրմանեան
ըստ
օրինի
երկու
կոնդակները
ուղղակի
Երուսաղէմի
պատրիարքին
յղեց
իբր
իրենց
պետին,
իսկ
Վեհապետեան
Երէցեանի
իրեն
դէմ
ցուցած
ընթացքը
գիտնալով,
անոր
անունին
եղող
կոնդակը
յատուկ
նամակով
մը
ետ
կը
դարձնէ
(07.
ՄԻԱ.
37):
Օրմանեանի
ընթացքը
խառն
ժողովին
կողմէն
հաւանութիւն
ստացած
էր:
3065.
ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
ԵՒ
ԵՐԷՑԵԱՆ
Մայիս
2-ի
Ս.
Յակոբեանց
միաբանական
ժողովը
երկու
կարեւոր
որոշումներ
կու
տար,
իր
միաբաններէն
մին
բարձրացնելով,
եւ
միւսը
տապալելով,
որոնք
չենք
կրնար
առանց
խորհրդածութեան
անցունել:
Երկուքին
մէջն
ալ
հաշուեպահանջ
ուղղութեան
յաղթանակն
էր
որ
կը
նշմարուէր
քուէից
առաւելութեամբ,
մանաւանդ
բարձրացողին
տրուած
քուէներուն
ակնյայտնի
համեմատութեամբը,
20-էն
ետքը
եկողին
4-էն
աւելի
քուէ
ստանալ
չկարենալով,
որ
հաշուեխոյսներուն
շուարած
ըլլալուն
նշանն
էր:
Քանիցս
կրկնած
ենք
եւ
անգամ
մըն
ալ
յիշելու
պէտք
չենք
զգար,
թէ
ի՜նչ
բարձրութեան
մէջ
պահուած
է
Երուսաղէմի
մէջ
լուսարարապետութեան
կամ
փակակալութեան
պաշտօնը,
ոչ
միայն
պատրիարքէ
ետքը
առաջին
տեղը
գրաւելով
միաբանութեան
մէջ,
այլեւ
չափով
մը
հակակշռելով
պատրիարքական
իշխանութիւնը:
Այս
դիրքին
եւ
այս
ըմբռնման
հետեւանք
էր
որ
միշտ
միաբանութեան
երիցագոյն
եւ
հինաւուրց
դէմքերուն
պահուած
էր
այդ
պաշտօնը,
իսկ
Տէրտէրեան
այս
պաշտօնին
կ՚ընտրուէր.
հազիւ
35
տարեկան
եւ
ձեռնադրութեան
իննամեայն
իսկ
չլրացուցած:
Ստոյգ
է
որ
հաշուեպահանջներուն
յաղթանակն
էր
որ
կը
հռչակուէր,
որոնք
եւս
քանզեւս
զօրացած
էին
ատենապետաց
բանաձեւով
եւ
վարչական
որոշումով,
եւ
պատուիրակութեան
ընտրուած
անձերուն
անուններով.
եւ
Տէրտէրեան
ալ
հաշուեպահանջներուն
յառաջադէմներէն
էր.
սակայն
երիցագոյններ
չէին
պակսեր
յաղթանակը
հռչակելու,
եւ
եթէ
Տէրտէրեան
կը
նախադասուէր,
անձնական
արժանիքի
ալ
մաս
մը
պէտք
է
ճանչնալ
այդ
ընտրութեան
մէջ:
Իրօք
ալ
ճանչցուած
էր
նա
միտքով
ուշիմ,
աշխատութեամբ
անխոնջ
եւ
կենցաղով
զգաստ,
առաւելութիւններ
որոնք
առաւել
եւս
փայլած
կ՚ըլլային
եթէ
կանոնաւոր
դաստիարակութեամբ
եւ
ծրագրական
ուսմամբ
մշակուած
ըլլային:
Իսկ
նա
այս
թերին
ալ
անիմանալի
կը
դարձնէր
ինքնաշխատ
ջանքով
եւ
մանաւանդ
հետապնդող
փափաքով:
Յատկապէս
նորստացիկ
պաշտօնին
կապուած
ձիրքերն
էին
որ
զինքն
յարմարագոյն
ընտրելի
կը
մատնանշէին,
եկեղեցւոյ
սիրահար,
պաշտամանց
վարժ,
ծէսերու
հմուտ,
պահպանութեանց
նախանձայոյզ,
հսկողութեանց
անթերի,
եւ
սաղիմական
իրաւանց
եւ
սովորութեան
մասնագէտ,
իրեն
համար
չափուած
եւ
ձեւուած
պաշտօն
մըն
էր
իրեն
յանձնուած
լուսարարապետութիւնը:
Նոյն
օր
մայիս
2-ին
ժողովին
փակուելէն
ետքը
պատրիարքը
համախումբ
միաբանութեամբ
Ս.
Յակոբայ
տաճարը
իջնալով,
Ս.
Գլխադիրի
սեղանին
առջեւ
կը
կատարուէր
Տէրտէրեանի
պաշտօնի
մտնելուն,
ուխտը
արտասանելուն,
եւ
գանձատան
բանալւոյն
տիրանալուն
սովորական
արարողութիւնը:
Միեւնոյն
օրը
որ
Տէրտէրի
մը
զաւակը
կը
բարձրանար`
Երէցի
մը
որդին
կ՚իյնայ,
որ
իրեն
համար
թէ
ոչ
Կ.
Պոլսոյ
գոնէ
Երուսաղէմի
աթոռը
վստահօրէն
կը
պատրաստէր,
եւ
ունեցած
դիրքովը
կրնար
ալ
ինքն
իրեն
խոստանալ:
Ի՜նչ
ալ
ըլլան
Երէցեանի
արժանիքները,
իրական
թէ
երեւութական,
ինչչափ
ալ
ըլլան
անոր
վրայօք
քննադատութիւնները,
հնար
չէ
ուրանալ
թէ
երկու
աթոռներուն
վրայ
ալ
կրնար
պատուով
բազմիլ
եւ
յաջողութեամբ
գործել,
արդէն
բազմածներէն
կամ
բազմողներէն
շատերուն
վրայ
առաւելութեամբ
ալ
Կիլիկիոյ
կաթողիկոսական
օրինական
ընտրութիւնը
անհիմն
ցոյց
մը
չէր
(§
3018):
Այլ
ինչպէս
այդ
ընտրութենէն
իր
կամքովը
հեռացաւ,
միւսներէն
ալ
իր
ընթացքովը
զրկուեցաւ:
Չենք
գիտեր
որոշակի
ո'ր
թերութեան
վերագրել
իր
տարաբախտ
ապագայն,
եւ
չենք
ալ
ուզեր
ոլորապտոյտ
խնդիրներու
մէջ
թափառիլ,
այլ
պարզապէս
հաշուետուութեան
խնդիրին
մէջ
ամփոփուելով,
անիմանալի
կը
դառնայ
թէ
ի'նչպէս
Երէցեան
կրցաւ
Մաքսուտեանի
հաշուեխուսութեան
պաշտպան
կանգնիլ,
տարրական
օրինականութեան
պահանջը
ուրանալ,
եւ
ինչ
որ
ապօրէն
դատի
մը
պաշտպան
կանգնողին
համար
բնական
էր
ամէն
տեսակ
ստորին
միջոցները,
սուտն
ու
կեղծիքը,
քսութիւնն
ու
բամբասանքը,
կամաւոր
խեղաթիւրումը
ու
գիտակից
մատնութիւնն
իսկ
գործածելու
զիջանիլ:
Պիտի
չդժուարանայինք
այդ
ուղղութիւնը
տեսնել
հաշուեխոյսներու
ընդհանրութեան
վրայ,
մի
մասն
ալ
մանր
օգուտներու
ակնկալութեամբ
զօրաւոր
ելեւմտապետին
հետեւող
ու
պաշտպան
դարձած,
այլ
Երէցեանէ
կը
սպասուէր
որ
ուղիղ
ճամբան
ցուցնէր
իր
պաշտպանեալին,
օրինականութեան
յորդորէր
եւ
օրինապահութեան
առաջնորդէր:
Ինքն
Մաքսուտեան
գոնէ
նիւթական
շահ
մը
կը
քաղէր
իր
ընթացքէն,
զի
դրամական
լաւ
կարողութեան
տիրացած
էր,
եւ
տիրանալուն
գաղտնիքը
հրապարակել
կը
զգուշանար.
այլ
Երէցեան
եւ
ոչ
իսկ
Մաքսուտեանի
շահէն
արժանաւոր
շահաբաժին
մը
քաղած
էր,
որ
գոնէ
անով
փոխարինուած
ըլլար:
Եղբայրական
սիրոյ
եւ
ընկերական
համերաշխութեան
նուիրական
զգացումն
ալ
չի
կրնար
Երէցեանը
արդարացնել.
զի
ճշմարիտ
սէրը
չի
կրնար
հանդուրժել
որ
մեղապարտութիւն
քաջալերուի,
անիրաւութիւն
հովանաւորուի,
եւ
օրինականութիւն
անարգուի,
եւ
նիւթական
օգուտին
համար
բարոյական
օգուտը
զոհուի:
Բարոյից
թեթեւութենէն,
երեւութական
գոհացումէն,
արտաքնայարդար
ընթացքէն,
հաճոյից
զակատումէն
ուրիշ
շարժառիթ
չենք
գտներ
Երէցեանի
անորակելի
գործունէութեան
մէջ,
որոնց
զոհ
տուաւ
իր
ունեցած
ձիրքերն
ալ,
նոյն
իսկ
կեանքն
ալ
տարաժամ
մահուամբ.
զի
այդ
միջադէպներէն
իբր
հինգ
տարի
անշուք
եւ
աննշանակ
կեանքէ
մը
ետքը
կը
վախճանէր
1912
նոյեմբեր
11-ին
տակաւին
58
տարեկան:
Երուսաղէմական
խնդիրին
ձախողուածէն
ետքն
ալ
ինքզինք
նորէն
բարձրացնելու
դուռը
շուտով
բացուեցաւ
իր
առջեւ`
Կարնոյ
առաջնորդական
ընտրութեամբ
(07.
ԲԻԶ.
3313),
բայց
կարծես
թէ
լուրջ
արդիւնաւորութեան
հանդէպ
միանգամ
ընդմիշտ
հրաժեշտ
տուած
էր
որ
զայն
ալ
մերժեց,
հակառակ
վիճակին
թախանձանքին
եւ
ճշմարիտ
բարեկամներու
յորդորներուն:
Բայց
մենք
դառնանք
Երուսաղէմի
գործերուն:
3066.
ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԵԱՆՑ
ՋԱՆՔԵՐ
Կանոնական
պայմաններով
կազմուելիք
տնօրէն
ժողովոյ
ընտրութիւնը
յետաձգուած
էր
Երուսաղէմի
ելեւմտական
ամսավերջին.
բայց
բնական
էր
որ
ապրիլ
30-էն
ետքը
միջոց
մը
պիտի
անցնէր
մինչեւ
հաշիւները
ամփոփուէին.
ուստի
հազիւ
յունիս
21-ին
ներկայացած
ժողովին
(07.
ՄԻԱ.
41)
եւ
ժողովը
նոր
ընտրութեան
մասին
գաղափար
ունենալ,
եւ
առ
այս
նախաքննիչ
յանձնաժողով
մը
կազմեց
հինգ
անդամէ
բաղկացած
(07.
ՄԻԱ.
46),
եւ
նոր
ընտրութիւնը
յետաձգեց
մինչեւ
քննութեան
յատենի
ժողովոյն
վերջանալը,
եւ
առժամեային
յանձնեց
պաշտօնը
շարունակել
(07.
ՄԻԱ.
47):
Նախաքննիչ
յանձնաժողովին
վրայօք
խորհրդածութիւնները
երկու
ընդարձակ
նիստեր
գրաւեցին.
յուլիս
13
եւ
14
օրերը.
ամէն
կէտեր
վիճաբանութեան
ենթարկուեցան,
թէ
վարչական
եւ
թէ
մատակարարական
ճիւղէն
(07.
ՄԻԱ.
50-120),
մինչեւ
իսկ
վիճաբանութեան
նիւթ
եղաւ
թէ
առժամեայն
պատրիարքէ
անուանուելով
եւ
անոր
օգնական
նկատուելով,
միաբանական
ժողովին
համարատու
կրնա՞յ
ըլլալ,
կամ
եթէ
անոր
գործերը
քննութեան
ենթարկուին,
պատրիարքը
քննութեան
ենթարկել
չը՞լլար
արդեօք:
Այս
կարգին
Չիլինկիրեանի
տրուած
եպիսկոպոսական
վկայագիրին
վրայ
ալ
խօսուեցաւ
եւ
ժողովով
հաստատուեցաւ
(07.
ՄԻԱ.
62):
Իսկ
տեղեկագիրին
ամբողջութիւնը
ընդունուեցաւ
յուլիս
15-ի
նիստին
սկիզբը
(07.
ՄԻԱ.
122),
եւ
նոյն
նիստին
առաջիկայ
տարւոյ
ելեւմտացոյցն
ալ
հաստատուեցաւ,
զոր
ելեւմտապետ
Գայըգճեան
կազմած
եւ
առժամեայ
տնօրէնը
իւրացուցած
եւ
նախաքննիչը
նախաքննած
էր:
Ամէն
մի
տող
յատուկ
հաւանութեան
ենթարկուելէ
ետքը,
ժողովը
միաձայնութեամբ
վաւերացուց
ելեւմտացոյցը
եւ
որոշեց
անոր
գործադրութիւնը
ճշդութեամբ
(07.
ՄԻԱ.
138),
եւ
ըստ
այնմ
բոլոր
պաշտօնէից
հաղորդուեցաւ
իբրեւ
ծախուց
կանոն
(07.
ԲԻԶ.
3276):
Տնտեսական
խորհուրդ
մը
կազմելու
առաջարկ
եղաւ,
եւ
որոշումն
ու
ընտրութիւնը
տնօրէնին
թողուեցաւ
(07.
ՄԻԱ.
140),
եւ
վերջապէս
նոր
տնօրէն
ժողովականներ
ընտրուեցան,
չորսը
առաջին
քուէարկութեամբ,
Մեսրոպ
Նշանեան,
Հմայեակ
Երէցեան,
Գրիգորիս
Պօյաճեան
եւ
Վահան
Քէշիշեան.
իսկ
երկու
համեմատականներուն
համար
եօթը
անգամ
քուէարկութիւն
կրկնուեցաւ,
եւ
ընտրուեցան
Սարգիս
Աճէմեան
եւ
Մովսէս
Ոսկերիչեան
(07.
ՄԻԱ.
143):
Կեդրոնական
վարչութեան
խորհրդակցութեանց
եւ
կարգադրութեանց
մէջ
Երուսաղէմի
կացութեան
մասին
աննպաստ
ակնարկներ
շատ
էին
կրկնուած,
որ
հաւասարապէս
պիտի
ազդէր
հաշուեպահանջներուն
եւ
հաշուեխոյսներուն
վրայ,
ուստի
ընդհանուր
էին
ներքին
կարգադրութեանց
եւ
կանոնաւորութեանց
ձեւերը
նորոգելու
եւ
ամենայն
ինչ
օրինական
ճամբու
վրայ
ցուցնելու
իղձերը:
Երկու
կողմերն
ալ
անշուշտ
իրենց
ուղղութենէն
չէին
հրաժարեր.
բայց
հաշուեպահանջներ
իրենց
կողմը
պաշտպանուած
եւ
զօրացած
կը
զգային.
ուստի
վստահութեամբ
կը
յառաջէին,
հաշուեխոյսներն
ալ,
հակառակ
մասնակի
շեղումներու,
ընդհանուր
ուղղութեամբ
համակերպելու
կը
պարտաւորուէին:
Ամենուն
աչքերը
դէպի
Կ.
Պոլիս
սեւեռուած
էին
եւ
պատուիրակներուն
գալուն
կը
սպասէին,
այս
պատճառով
համարատուութեան
տեղեկագիրն
ալ
Կ.
Պոլիս
յղել
զանց
կ՚ընէին,
յարմարագոյն
նկատելով
պատուիրակներուն
յանձնել:
3067.
ԵՐՐՈՐԴ
ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ
Մարտ
14-ի
ժողովն
որոշած
էր
մին
եկեղեցական
եւ
միւսը
աշխարհական
երկու
պատուիրակներ
յղել,
որոնք
պէտք
էր
ազդեցիկ
եւ
դիրքի
տէր
եւ
գործին
հմուտ
անձեր
ըլլային,
ուստի
նախադասուեցաւ
վարչական
շրջանակէն
առնել
ընտրելիները:
Եկեղեցական
պատուիրակութիւնը
առաջարկուեցաւ
կրօնական
ժողովոյ
դերատենապետ
եւ
ատենապետի
հիւանդութեան
պատճառով
առժամեայ
ատենապետութիւնը
վարող
Վահրամ
Մանկունի
եպիսկոպոսի,
որ
վերջապէս
հաճեցաւ
համակերպիլ,
եւ
պատրիարքն
ալ
հաւանեցաւ
պատրիարքարանի
գործակատարին
առժամեայ
բացակայութեան,
եւ
այսպէս
ապրիլ
4-ի
նիստին
մէջ
Վահրամ
Մանկունի
եպիսկոպոս
եւ
Արիս
Ֆէսճեան
գործակատար
պատուիրակ
անուանուեցան
(07.
ԲԻԶ.
3198):
Երէցեան
եւ
Մաքսուտեան
գոհ
չմնացին
այդ
անուանումներէ,
եւ
նորէն
ձեռք
առին
անուն
աղարտելու
եւ
կասկած
յարուցանելու
զէնքը,
գլխաւորապէս
Մանկունիի
վրայ
ծանրանալով,
որով
Օրմանեանի
հարկ
եղաւ
քիչ
մը
աւելի
յոգնիլ
պետական
արտօնութիւնը
ստանալու,
զոր
վերջապէս
յաջողեցաւ
ստանալ
յունիս
27-ին
(07.
ԲԻԶ.
3266),
անուանումէն
երկուքուկէս
ամիս
ետքը:
Քիչ
օր
ետքը
տեղի
ունեցաւ
յուլիս
16-ին,
կրօնականի
ատենապետ
Սուքիասեան
Մեսրոպ
եպիսկոպոսի
վախճանը,
եւ
Մանկունի
թէ
այդ
պարագան,
թէ
իր
մարմնական
տկարութիւնը,
եւ
թէ
Պաղեստինի
ամառնային
տօթը
նկատի
առնելով,
ուղեւորութիւնը
օգոստոսի
վերջին
յետաձգեց
(07.
ԲԻԶ.
3268),
որով
դարձեալ
ժամանակ
մը
յապաղեցաւ
պատուիրակներուն
մեկնիլը:
Վերջապէս
սեպտեմբեր
2-ին
հրաժեշտ
առաւ
Մանկունի
Օրթաքէօյի
թաղէն,
ուր
կը
մնար
իբր
քարոզիչ
1885-ին
Էջմիածինէ
դառնալէն
ի
վեր,
4-ին
ալ
հրաժեշտ
առաւ
խառն
ժողովէն,
եւ
7-ին
Ֆէսճեանի
հետ
ուղեւորեցան
բոլոր
պէտք
եղած
գրութիւններով
զօրացած
(07.
ԲԻԶ.
3328).
պետական
արտօնագիրը
արդէն
պատրաստ
էր.
Օրմանեան
յատուկ
կոնդակ
մը
ուղղեց
միաբանութեան
սեպտեմբեր
4
թուականով,
պաշտօնական
տեղեկութիւններով
(07.
ՄԻԱ.
147-150)
յատուկ
նամակ
ալ
գրեց
Յարութիւն
պատրիարքին,
գրաւոր
հրահանգ
ալ
յանձնեց
վարչական
որոշմանց
համեմատ,
Յունաց
Յովակիմ
պատրիարքն
ալ
յանձնարարական
տուաւ
Երուսաղէմի
Դամիանոս
պատրիարքին
ուղղուած:
Պատուիրակներ
Երուսաղէմ
մտան
սեպտեմբեր
13-ին
(07.
ԲԻԶ.
2334),
եւ
ընդունուեցան
եկեղեցական
արարողութեամբ,
մեծ
ոգեւորութեամբ
եւ
մեծագոյն
ակնկալութեամբ:
Իրենք
կը
սպասէին
աթոռն
ու
վանքը
անկերպարան
վիճակի
մէջ
տեսնել
Կ.
Պոլսոյ
մէջ
տարածուած
լուրերուն
համեմատ
(07.
ԲԻԶ.
3331),
բայց
լաւ
տպաւորութիւն
ունեցան`
ժողովներ
եւ
գործեր
կանոնական
ձեւերու
վերածուած
տեսնելով:
Մէկ
քանի
անգամներ
պատրիարքի
եւ
լուսարարապետի
եւ
ժողովականաց
եւ
պաշտօնակալաց
հետ
մասնաւոր
տեսակցութիւններէ
ետքը,
միաբանական
ժողովին
ներկայացան
սեպտեմբեր
19-ին,
եւ
պատրիարքական
կոնդակի
ընթերցմամբ
պաշտօննին
պաշտօնապէս
բացին
եւ
գործերու
ձեռնարկեցին:
Ատենապետութիւնը
կը
վարէր
Նշանեան,
որ
թէպէտ
տնօրէնի
անդամակցելով
դադարած
կը
համարուէր,
սակայն
յուլիս
15-էն
ետքը
նոր
գումարում
չէր
եղած,
եւ
այս
գումարումը
ընտրութեամբ
սկսիլ
յարմար
չդատուեցաւ:
Պատուիրակութեան
առաջին
առաջարկն
եղաւ
կացութիւնը
ճշդելու
համար
երեք
մասնաժողովներ
կազմել,
որոնք
պատուիրակներու
հետ
աշխատին
եւ
տեղեկութիւններ
քաղեն
եւ
վաւերական
եզրակացութեանց
յանգին:
Երեք
մասնաժողովներ
պիտի
զբաղէին,
գանձարանով,
հաշիւներով
եւ
կալուածներով,
եւ
իւրաքանչիւրին
գործերը
մանրամասնօրէն
ծրագրուած
էին:
Առաջին
մասնաժողովը
արդէն
կազմուած
էր
լուսարարապետի
գլխաւորութեամբ,
եւ
Հմայեակ
Երէցեան,
Յարութիւն
Պարոնեան,
Սարգիս
Աճէմեան
եւ
Պետրոս
Սարաճեան
վարդապետներու
անդամակցութեամբ:
Երկրորդին
համար
առաջարկուեցան
Եղիա
Յովհաննէսեան,
Գրիգորիս
Պօյաճեան,
Մովսէս
Ոսկերիչեան
եւ
Մեսրոպ
Նշանեան,
եւ
երրորդին
համար
Գարեգին
Սաքայեան,
Մատթէոս
Գայըգճեան,
Սիմէոն
Թելեան
եւ
Սմբատ
Գազազեան,
եւ
անհակառակ
ընդունուեցան
(07.
ՄԻԱ.
153-155):
Հաշուեխոյսներու
կողմէ
խնդիր
յարուցուեցաւ
Մաքսուտեանի
ներկայութիւնը
անհրաժեշտ
ցուցնելով,
անշուշտ
իրենց
կողմէն
ոյժ
աւելցնելու
նպատակով,
բայց
պատուիրակները
խնդիրը
փակեցին
յայտարարելով
որ
նպատակը
տեղեկաբերութիւն
է
եւ
ոչ
որոշում,
եւ
թէ
հարկ
եղած
ատեն
կոչելը
իրենց
պաշտօնին
կը
պատկանի
(07.
ՄԻԱ.
156-157):
3068.
ՀԱՇԻՒՆԵՐՈՒ
ՔՆՆՈՒԹԻՒՆ
Հաշուոց
եւ
կալուածոց
մասնաժողովները
անմիջապէս
գործի
ձեռնարկեցին
եւ
սեպտեմբեր
21-ին
եւ
24-ին
խառն
նիստեր
գումարելով
նախընթաց
հաշուեցոյցերը
աչքէ
անցուցին,
եւ
որոշեցին
անոնց
տեղեկագիրը
ընդհանուր
ժողովին
ներկայել
(
ՏՂԿ.
Դ.
1)
եւ
ըստ
այսմ
սեպտեմբեր
28-ի
եւ
29-ի
միաբանական
նիստերուն
մէջ
պատուիրակաց
ներկայութեամբ
նկատի
առնուեցաւ
յուլիս
13
եւ
14
եւ
15
նիստերու
որոշմանց
համեմատ
կեդրոնին
ղրկուելիք
տեղեկագիրը
(07.
ՄԻԱ.
170-181),
եւ
ոմանց
խծբծանքներէ
վերջ
ամբողջովին
հաստատուելով
նախագահ
պատրիարքին
յանձնուեցաւ
Կ.
Պոլիս
յղել
(07.
ՄԻԱ.
182):
Միւս
կողմէ
մասնաժողովները
իրենց
գործը
կը
շարունակէին,
եւ
զարմացմամբ
տեսնուեցաւ
որ
Եղիա
վարդապետ
Յովհաննէսեան
իր
ժողովական
չեղած
օրուան
արձանագրութիւնները
իբր
ատենադպիր
ստորագրած
է,
որ
Ղեւոնդ
վարդապետ
Մաքսուտեան
իբր
ատենապետ
վաւերացուցած
է
իր
իբր
տեսուչ
ներկայած
հաշիւները,
որ
երկուքուկէս
տարուան
տնօրէնի
ատենագրութիւններ
ստորագրուած
չեն,
եւ
սեւագրութիւններն
ալ
Մաքսուտեանի
ձեռքով
անյայտացած
են,
որոնք
գործոց
ապօրէն
վիճակ
մը
կը
ցուցնէին,
եւ
ատենապետ
Մաքսուտեանը
պատասխանատու
կը
թողուին
(
ՏՂԿ.
Դ.
2-4):
Իսկ
ընդհանուր
ժողովոյ
վերոյիշեալ
սեպտեմբեր
28
եւ
29-ի
նիստերէն
ետքը
մասնաժողովները
հոկտեմբեր
2-էն
սկսելով
ընդարձակ
գործառնութեան
մը
ձեռնարկեցին
1893-է
1907,
տասնուչորս
տարիներու
հաշիւները
պարզելու
բաղդատական
կշիռով
եւ
մանրամասն
պրպտումներով:
Այս
տասնուչորս
տարիներէն
վերջին
երկուքը
վերեւ
յիշուած
եւ
հաստատուած
տեղեկագիրին
պարունակածներն
էին,
իսկ
առաջին
12-ին,
1893-1905
տարիներու
մասին
զբաղած
էր
կեդրոնի
հաշուեքննիչ
մասնախումբը,
միաբանական
ժողովէ
չանցած
ցուցակներու
վրայ:
Պատուիրակներ
ուզեցին
որ
այս
12
տարիներու
հաշուեցոյցերը
եւս
ընդհանուր
ժողովէն
անցած
ըլլան,
ինչպէս
վարչութեան
մարտ
14-ի
որոշման
մէջ
նշանակուած
էր
(§
3063),
եւ
այս
նպատակով
հոկտեմբեր
22-ին
միաբանական
ժողով
գումարուեցաւ,
բայց
միաբանութիւնը
առանց
քննութեան
ոչ
հաստատել
եւ
ոչ
տեսնել
ուզեց,
եւ
նոյն
օր
եւ
յաջորդ
հոկտեմբեր
23
օրը
բաւական
վիճաբանութիւններէ
ետքը,
վերջապէս
Սարաճեանի
առաջարկութեամբ
(07.
ՄԻԱ.
194)
լոկ
ձեւակերպութիւն
մը
կատարած
ըլլալու
պայմանով
խնդիրը
փակուեցաւ,
սպասելով
որ
պատուիրակներ
եւ
մասնաժողովներ
իրենց
սկսած
քննութեանց
տեղեկագիրը
ներկայացնեն
եւ
որոշում
տրուի
(07.
ՄԻԱ.
183-197):
Պատուիրակներ
եւ
մասնաժողովներ
տաժանելի
եւ
քրտնաջան
աշխատութեան
մը
ենթարկուեցան
12
տարիներու
մանրակրկիտ
քննութիւնը
կատարելու
եւ
ճշդելու,
մանաւանդ,
ինչպէս
Մանկունի
յատենի
ժողովոյ
վկայեց,
տեսան
որ
կարեւոր
եւ
ընդարձակ
արձանագրութիւնք
կը
պակսին,
եւ
ոչ
տեղեկագիր
կայ,
եւ
ժամանակին
Ղեւոնդ
հայր
սուրբը
խորհեր
է
ընդհանուր
տեղեկագիր
մը
պատրաստել,
սակայն
ինքն
ալ
չէ
կարողացեր,
եւ
խիստ
թերի
տետրակներ
թողուցեր
է
(07.
ՄԻԱ.
196):
Աշխատութիւնը
հանապազօրեայ
եղաւ
հոկտեմբեր
2-էն
մինչեւ
նոյեմբեր
23,
եւ
պատրաստուած
մասերը
հետզհետէ
հաստատելու
համար
երկու
մասնաժողովներ
քանիցս
խառն
նիստեր
ունեցան,
եւ
վերջապէս
նոյեմբեր
23-ին
ամբողջը
վաւերացաւ
եւ
ստորագրուեցաւ
(
ՏՂԿ.
Դ.
6-11):
Հաշուեքննութեան
հիմը
պէտք
էր
կազմէին
ելեւմտացոյցերը
իբր
բաղդատութեան
կանոն,
որոնք
սակայն
բնաւ
տեղի
ունեցած
չէին,
եւ
այս
պատճառաւ
վերջին
անգամ
1907-8
տարւոյն
համար
պատրաստուածը,
իբրեւ
չափ
գործածեցին,
քանի
որ
այս
եւ
նախընթաց
տարիներու
ելեւմտից
վիճակին
վրայ
զգալի
տարբերութիւններ
տեղի
ունեցած
չեն
(
ՏՂԿ.
Դ.
13):
Երկոտասնամեայ
հաշիւներուն
համբերատար
քաղուածը
եւ
խղճամիտ
բաղդատութիւնը
տեղեկագիրին
մեծ
մասը
կը
կազմէ
(
ՏՂԿ.
Դ.
12-120),
չորս
վիճակացոյց
տախտակներ
ալ
աւելցնելով
(
ՏՂԿ.
Դ.
121-130),
որոնց
մենք
պէտք
չենք
տեսներ
հետեւիլ
բաւական
սեպելով
յիշել
տեղեկագիրին
եզրակացութիւնը,
որ
եթէ
միեւնոյն
անձի
վրայ
կեդրոնացած
ժողովականութիւնը
եւ
տեսչութիւնը
գործոց
կացութիւնը
չխանգարէր,
եւ
հսկողութեան
հակակշիռի
դրութիւնը
տիրած
ըլլար,
տարեկան
միջին
հաշուով
2000
լիրայի
բացը
չէր
գոյանար
(
ՏՂԿ.
Դ.
132):
Բայց
ասկէ
ալ
աւելի
երեւան
բերին
կատարուած
բաղդատութիւնները:
Հաշուական
տոմարներու
մէջ
վաճառումներ
եւ
գնումներ
կը
տեսնուէին,
որ
տնօրէնի
արձանագրութեանց
մէջ
յիշատակութիւն
չունէին,
ընտիր
կալուածներ
կը
վաճառուէին
եւ
անպիտան
գնումներ
իբր
փոխանակութիւն
կը
ցուցուէին,
սնտուկի
մէջ
պատրաստ
գումարներ
գտնուած
ատեն
փոխառութիւններ
կը
կնքուէին,
նշանաւոր
գումարներ
առձեռն
ծախքեր
անունով
կը
նշանակուէին,
միեւնոյն
ծախքը
զանազան
գլուխներու
ներքեւ
կրկին
անգամ
կը
գրուէին,
որոնցմէ
բաւական
թուով
տեղով
եւ
գումարով
յառաջ
կը
բերէ
տեղեկագիրին
դիտողութեանց
գլուխը
(
ՏՂԿ.
Դ.
133-136),
լռին
անցնելով
այդ
զեղծումներուն
շարժառիթը,
որ
ամենուն
ծանօթ
էր,
այսինքն
է
պատրաստ
գումարներ
տրամադրել
ելեւմտապետին
ձեռքը,
դիւրացնելու
համար
իւրացուցման
եւ
անձնական
շահի
կերպերը,
օգուտը
իրեն
սեփականելով
եւ
ծանրութիւնը
վանքին
բեռցնելով:
Գաղտնիք
մը
չէր
Մաքսուտեանի
հողային
գնմանց
եւ
վաճառմանց
շահավաճառով
զբաղիլը,
գումարներու
տոկոսները
վանքին
եւ
փոխանցմանց
օգուտը
իրեն,
օգուտ
չբերող
գնումները
վանքին,
ձեռքէ
ձեռք
արդիւնաւորողներ
իրեն
անցունելով:
Այդ
դարձուածները
ծածուկ
պահելու
նպատակն
էր,
հաշուետուութենէ
խուսափելու
յամառութիւնը
մէկ
կողմէն,
եւ
միւս
կողմէն
ելեւմտապետութիւնը,
կալուածապետութիւնը
եւ
շինուածապետութիւնը
իր
ձեռքին
մէջ
ամփոփելու
գաղտնիքը,
պակաս
կազմածով
տնօրէն
պահելը
եւ
երդուեալ
բարեկամներով
եւ
միամիտ
ընկերներով
շրջապատուիլը,
եւ
այս
ամէն
միջոցներով
կողմնակիցներ
շահիլը:
3069.
ԶԵՂԾՈՒՄՆԵՐՈՒ
ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ
Այդ
տեսակ
զեղծարար
դարձուածներու
պսակն
է
պահեստի
դրամ
կոչուած
գործողութիւնը,
որուն
յայտնուելէն
ետքը
Վեհապետեան
կեդրոնէն
կը
խնդրէր
զեղծագործին
դատապարտութիւնը
փութացնել
(05.
ԲԻԶ.
2725),
եւ
որուն
մասին
համառօտակի
խօսած
ենք
պարտքերու
աճումը
բացատրելու
առթիւ
(§
3051).
բայց
շատ
աւելի
մանրամասնօրէն
պրպտած
է
զայն
մասնաժողովներու
տեղեկագիրը
(
ՏՂԿ.
Դ.
136-142),
եւ
ներքեւը
ստորագրած
են
նոյն
իսկ
հաշուեխոյս
անդամակիցները:
Այդ
գործին
յարակից
է
Աղեքսանդրիոյ
գետինին
վաճառումը,
որուն
գինը
առաջ
26.
314
ցուցուելէն
ետքը
(§
3051),
ուրիշ
զեղչեր
ալ
աւելցնելով
24.
061
նշանակուած
է
տոմարին
մէջ
(
ՏՂԿ.
Դ.
136),
մինչ
ուրիշ
տեղեկութիւններ
անգղիական
ոսկին
ալ
օսմանեանի
փոխարկելով
28.
123
եղած
կը
ցուցնեն
(
ՊՐՏ.
41),
եւ
4.
000
լիրա
վաճառման
ծախք
կ՚ըսուի,
իբրեւ
զեղչ
հաշուելով
Աղեքսանդրիոյ
գործակալին
774
լիրա
պարտքին
շնորհումը,
որ
պէտք
է
գետինին
գնոյն
աւելնար
եւ
ոչ
թէ
անկէ
զեղչուէր
պարտապանը
պարտատէրի
փոխարկելով
(
ՊՐՏ.
42):
Պահեստի
դրամ
կոչուած
գումարին
ինչով
կազմուիլը,
եւ
Աղեքսանդրիա
զետեղուիլը,
եւ
վնասով
Երուսաղէմ
փոխադրուիլը,
տոկոսին
վանքին
վրայ
բարդուիլը,
եւ
նոյն
տոկոսի
տարբեր
հաշիւներու
մէջ
երկու
անգամ
գրուիլը
իբր
ծախք,
եւ
մայր
գումարին
ներկայացնողի
վճարելի
մուրհակներու
վերածուիլը,
եւ
մուրհակներուն
պատրիարքին
չյանձնուիլը,
եւ
գաղտագողի
գանձուելով
ելեւմտապետէն
իւրացուիլը,
մասամբ
մեր
արդէն
գրածներէն
(§
3051),
եւ
մասամբ
տեղեկագիրին
մէջ
տոմարներէ
յառաջ
բերուած
քաղուածներով
ապացուցուած
կէտեր
են,
որ
բնաւ
չքմեղանքի
բաց
դուռ
չեն
թողուր:
Նշանաւոր
է
նաեւ
ժողովական
որոշման
նիւթ
կազմող
կէտերէն,
լոկ
ելեւմտապետի
ստորագրութեամբ,
եւ
այն
ալ
ոչ
ժողովական
ատենագրութեանց
տոմարին,
այլ
մուրհակաց
առձեռն
տետրակին
մէջ,
իբր
ժողովական
որոշում
նշանակուիլը
(
ՏՂԿ.
Դ.
141),
որ
միայն
շփոթած
անձի
մը
նեղ
ինկած
պահուն
յանխորհուրդս
պատրաստած
արդարացման
կարկտանը
կրնայ
ըսուիլ,
եւ
պատրաստողին
մտայնութիւնը
արտայայտել:
Տագնապի
մէջ
գտնուող
մէկու
մը
իր
անձին
մատնտու
գործեր
են
մուրհակաց
տետրակներու
մէջ
բաց
գտնուած
տեղերը
կարգաթուի
եւ
թուականի
հակառակութեամբ
եւ
փոփոխութիւններու
ու
բերուածներու
միջոցներով
յաւելուածներ
մտցնելը,
որոնք
ակնյայտնի
ցուցուեցան
կալուածական
փաստի
ծառայելու
գրութեանց
մէջ
եւ
զորս
տեղնիտեղօք
յիշած
է
տեղեկագիրը
(
ՏՂԿ.
Դ.
142-143):
Տեղեկագիրին
այս
առաջին
մասը
որ
վանքին
ընդհանուր
մատակարարութեան
սահմանուած
էր,
միաբանական
ժողովին
ներկայացուեցաւ
նոյեմբեր
23-ին,
եւ
24-ի
եւ
25-ի
նիստերուն
մէջ
ալ
քննուեցաւ
մաս
առ
մաս,
եւ
առանձինն
առանձինն
հաւանութեան
ենթարկուեցաւ,
եւ
եղած
դիտողութիւններ
աւելի
խստացուցին
խնդիրին
վիճակը
քան
թէ
թեթեւցուցին.
զի
շատեր
նորոգութեանց
յատուկ
նուէրներով
կատարուիլը,
եւ
գումարներու
յարաբարդուած
ըլլալը
յիշեցուցին
(07.
ՄԻԱ.
197-218),
որով
աւելի
կը
ստուարացնէին
քննադատութեանց
շարքը
եւ
կը
ծանրացնէին
իրարու
հակակշիռ
ըլլալու
սահմանուած
հինգ
վեց
պաշտօնները
միանգամայն
իր
ձեռքն
առնող
ելեւմտապետին
պատասխանատուութիւնը:
Այս
էր
ժողովական
քննութեանց
ելքը,
որուն
դիմադրողներ
ալ
գրեթէ
չեղան,
բայց
երբ
խնդիրը
եզրակացութեան
եկաւ,
հաշուեխոյս
խումբը
դժուարացաւ
Մաքսուտեանի
պատասխանատուութիւնն
ու
դատապարտութիւնն
արտասանել.
այսու
հանդերձ
մեծամասնութեամբ
հաստատուեցաւ,
թէ
միաբանական
ընդհանուր
ժողովը,
յանձնաժողովոց
քննական
տեղեկագիրը
եւ
գիտակցաբար
տեղի
ունեցած
զեղծումներուն
նկատմամբ
անոնց
ըրած
եզրակացութիւնները
լսելով
ճիշդ
գտաւ,
եւ
նոյնութեամբ
ընդունեց,
եւ
որոշեց
յղել
ազգային
կեդրոնական
վարչութեան
(07.
ՄԻԱ.
219):
3070.
ՇԻՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ԵՒ
ՓՈԽԱՆՑՈՒՄՆԵՐ
Հաշուական
քննութեանց
երկրորդ
մասը
նոր
շինութեանց
եւ
կալուածական
փոխանցմանց
հաշիւները
պիտի
պարունակէր,
եւ
մասնաժողովները
սկսան
անոնցմով
զբաղիլ:
Այդ
քննութեանց
համար
տոմարներ
եւ
հաշուեցոյցներ
կը
պակսէին
ելեւմտական
տեսչութեան
եւ
դիւանական
արձանագրութեանց
մէջ,
եւ
անոնց
փոխարէն
պատուիրակներ
իրենց
հետ
բերած
էին
Մաքսուտեանի
կողմէ
վարչական
մասնախումբին
ներկայացուած
կցկտուր
թուղթերէն
56
կտորներ,
զորս
մասնաժողովներուն
տրամադրութեան
դրին
(
ՏՂԿ.
Դ.
144-145):
Մասնաժողովներ
թէ
այդ
թերթիկներէն
օգտուելով,
եւ
բացատրական
տեղեկագիրին
շինութեանց
եւ
վաճառմանց
մասերը
աչքի
առաջ
ունենալով
(
ՏՂԿ.
Գ.
19-30),
եւ
անոնց
ամփոփումներն
ալ
նկատի
առնելով
(
ՏՂԿ.
Գ.
11),
ջանացին
թէ
վաճառմանց
(
ՏՂԿ.
Դ.
149-151)
եւ
թէ
շինութեանց
(
ՏՂԿ.
Դ.
154-157)
քաղուածներ
կազմել,
գործ
մը
որ
ելեւմտից
տեսուչը
ինքն
կատարած
ըլլալու
էր.
սակայն
ընդհանուր
հաշուեցոյց
կազմելէ
խուսափած
էր,
զի
ինչպէս
մասնաժողովներու
հետազօտութիւններէն
երեւցաւ,
մեծ
մեծ
շինութիւններ
երբեմն
վանքի
եւ
երբեմն
մասնաւոր
եւ
երբեմն
ալ
երկու
մասնաւորի
միանգամայն
կը
վերագրուէին,
եւ
երկպատիկ
գիներ
միայն
մէկ
արդիւնք
ունեցած
են,
որ
է
ըսել
թէ
երկու
գիներէն
մէկը
իւրացուած
գումար
դարձած
է:
Տեղեկագիրը
այդ
տեսակ
անուղիղ
հաշիւներէ
զանազան
պարագաներ
ցոյց
տուած
է
(
ՏՂԿ.
Դ.
165-166),
եւ
միանգամայն
դիտած
է,
որ
վաճառումներու
արդիւնքներ
շատ
անգամ
յումպէտս
ծախսուած
են
աւելորդ
եւ
անպիտան
գնումներով
(
ՏՂԿ.
Դ.
164),
մինչ
օգտակարագոյն
եղած
պիտի
ըլլար,
եթէ
տոկոսաւոր
պարտքեր
ջնջուէին
կամ
փոխառութիւնները
չկատարուէին:
Այս
եւ
ասոր
նման
դարձուածներն
են
որ
Մաքսուտեան
ելեւմտապետի
գործողութիւնները
բանիբուն
պատուիրակներու
եւ
հետազօտող
մասնաժողովներու
աչքին
քննադատելի
ցուցուցին,
մինչ
կրցած
էին
ժամանակին
երդուեալ
բարեկամներու
կամ
միամիտ
ընկերակիցներու
աչքերը
շլացնել
եւ
առանց
խորունկը
թափանցելու
ճարտար
մատակարարութիւն
երեւնալ:
Յատուկ
նկատողութեան
նիւթ
եղած
են
շինութեանց
կարգին
Մաքսուտեանի
անձնականին
սեփականուած
մասերը,
թէպէտ
հաշիւի
չեն
անցած
իր
անձնականէն
հայթայթած
գումարներ:
Գետնայարկ
մը
կը
շինուի
640
լիրայի
եւ
35
վարձք
կը
բերէ,
վերնայարկ
մը
կ՚աւելցուի
250
լիրայով
եւ
50-ի
կը
վարձուի,
գետնայարկը
վանքին
կը
գրուի,
եւ
վերնայարկը
Մաքսուտեանի
անձնականին
(
ՏՂԿ.
Դ.
167).
ահա
հանճարեղ
գիւտի
նմոյշ
մը:
Բայց
մեր
պատմական
ոճը
չներեր
մանրամասնութիւններով
զբաղիլ,
զորս
մասնաժողովները
հաւաքած
են
(
ՏՂԿ.
Դ.
165-167).
միայն
աւելցնենք
թէ
շինութիւնները
ճարտարապետական
գնահատման
ալ
ենթարկելով
3797
լիրայի
չափազանցութիւն
մը
տեսնուեցաւ,
չնկատելով
իսկ
որ
գնահատումը
գործածուած
քարերն
ալ
հաշիւի
անցուցած
էր,
մինչ
անոնք
գլխաւորաբար
վանքին
տրամադրելիէն
գործածուած
էին
(
ՏՂԿ.
Դ.
161-162):
Նկատուեցաւ
եւս
որ
շինութեանց
մասին
ոչ
առաջուընէ
պատրաստուած
յատակագիծներ
եւ
ոչ
նախահաշիւներ
գտնուեցան
դիւաններու
մէջ,
ինչ
որ
ձեռնարկներուն
առանց
օրինաւորութեան
կատարուած
ըլլալը
կը
ցուցնէր:
Վերջապէս
քննադատիչ
տեղեկագիրը
պատուիրակներէն
եւ
մասնաժողովներէն
ստորագրուեցաւ
(
ՏՂԿ.
Դ.
168)
եւ
դեկտեմբեր
17-ի
միաբանական
ժողովէն
մանրազնին
դիտողութիւններէ
եւ
խորհրդածութիւններէ
ետքը
(07.
ՄԻԱ.
289-308)
ամբողջութեամբ
ընդունեց`
բաւական
սեպելով
աւելցնել,
կատարուած
իրողութեանց
մասին
դիտողութիւններով
եւ
քննադատութիւններով,
ինչպէս
Նշանեան
եւ
Պօյաճեան
առաջարկեցին,
եւ
զանց
ընելով
Մաքսուտեանի
գործունէութեան
մասին
պարսաւանաց
քուէն,
զոր
Տէրտէրեան
եւ
Սարաճեան
կ՚առաջարկէին,
եւ
այս
կէտը
կեդրոնի
վճիռին
թողլով
(07.
ՄԻԱ.
309-310):
Տեղեկագիրը
զանց
ըրած
էր
արժէթուղթերու
վաճառմանց
խնդիրով
զբաղիլ
իբրեւ
քննելի
չորեքտասանամեայ
միջոցէն
առաջ
կատարուած
գործողութիւն,
թէպէտ
վերջին
հետազօտութեանց
առթիւ,
երեւան
եկած
մտերմական
գրութիւններ
(
ՏՂԿ.
Թ.
13-14),
տխուր
լոյս
կը
սփռէին
այդ
գործողութեան
մասին:
3071.
ԿԱՆՈՆԱԳԻՐԻ
ՎԵՐԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ
Այն
միջոցին
որ
մատակարարական
եւ
կալուածական
մասնաժողովներ
հաշուեքննութեանց
երկրորդ
մասով
կը
զբաղէին,
միաբանութիւնը
անգործ
չմնալու
համար
կանոնագիրի
վերաքննութեան
սկսաւ:
Արդէն
մայիս
2-ի
նիստին
մէջ
կանոնագիրի
վերաքննութեան
մասնաժողով
մը
կազմուած
էր
եօթն
անդամներով
(§
3064),
որոնցմէ
Գայըգճեան
եւ
Նշանեան
հրաժարեցան,
երբ
միւս
մասնաժողովներու
մէջ
ծանր
զբաղումներու
պարտաւորուեցան:
Հրաժարելնուն
պատճառ
տուաւ
նաեւ
Հմայեակ
Երէցեանի
եւ
Վահան
Քէշիշեանի
իրենց
նախնական
ուղղութենէն
շեղիլը,
զի
կեդրոնին
եւ
Վեհապետեանի
համամիտ
գործունէութեան
հանդէպ,
Երէցեան
եւ
Մաքսուտեան
իրենց
կողմը
զօրացնելու
պէտք
զգացին,
եւ
ներշնչումներով
ու
խոստումներով
կողմնակիցներ
շատցնելու
հետեւեցան,
եւ
յիշեալ
երկուքն
ալ
պատեհէն
օգտուելու
որոշման
յանգեցան,
եւ
յայտնապէս
ինքզինքնին
ցուցադրելու
սկսան:
Ըստ
այսմ
վերաքննութիւն
կատարող
հինգերէն
չորսը
համամիտ
գտնուելով
միեւնոյն
նպատակի
ծառայող
դարձան,
եւ
Սարաճեան
միայն
տարակարծիք
ըլլալով
մէջերնին
մնաց,
երբ
միւս
երկուքը
կը
հեռանային
(07.
ՄԻԱ.
248):
Նոր
պատրաստուած
վերաքննեալ
ծրագիրին
մէջ
աւելի
աչքի
զարնող
փոփոխութիւններուն
գլխաւորը
լուսարարապետին
դիրքն
էր,
զոր
կը
զրկէին
ցկեանս
պաշտօնավարութենէ
եւ
Տնօրէնի
անփոփոխ
անդամակցութենէ,
եւ
քառամեայ
շրջանով
միւս
տեսչութեանց
կարգը
կ՚անցունէին,
չես
գիտեր
թէ
աւելի
Խապայեան
լուսարարապետի
անցեալին
մէջ
ըրածէն
գայթակղելով,
կամ
թէ
Տէրտէրեան
լուսարարապետի
առաջիկային
ընելիքէն
կասկածելով:
Տնօրէն
ժողովոյ
ընտրելիութիւնն
ալ
բացարձակ
կերպով
ամէն
եկեղեցական
միաբանի
կը
պատշաճեցնէին.
ջնջելով
պատրիարքի
եւ
լուսարարապետի
կողմէ
պատրաստուելիք
երկպատիկ
փակեալ
ցանկի
գրութիւնը:
Ելեւմտից
տեսուչը
տնօրէնի
անդամակցութենէ
իսպառ
կը
հեռացնէին,
եւ
ուրիշ
մասնաւոր
կէտեր
ալ
փոփոխած
էին,
ընդհանրապէս
դիտելով
միաբաններու
թիւին
ոյժ
տալ,
որով
Մաքսուտեան
եւ
ընկերք
ինքզինքնին
աւելի
զօրաւոր
կը
կարծէին:
Յարութիւն
պատրիարք
ընդունելի
չգտաւ
առաջարկուած
փոփոխութիւնները,
գլխաւորապէս
լուսարարապետի
դիրքին
եւ
Տնօրէնի
ընտրելեաց
մասին
մուծուածները.
իր
միտքը
պատուիրակներուն
հաղորդեց,
անոնք
ալ
թէ
անձնական
տեսութեամբ
եւ
թէ
յանձնաժողովի
հրաժարեալ
անդամներու
խորհրդակցութեամբ
իրաւունք
տուին
պատրիարքին
տեսութեանց,
եւ
նոր
վերաքննեալ
ծրագիր
մը
պատրաստելով,
եւ
պաշտօնէութիւնները
դարպասական,
կրթական,
կալուածական
եւ
տնտեսական
մասնախումբերու
վերածելով`
հոկտեմբեր
16-ին
պատրիարքէն
խնդրեցին
առ
ձեռն
տպագրութեամբ
միաբանական
ժողովի
ենթարկել
(07.
ՄԻԱ.
223):
Պատրիարք
տպագրութիւնը
հրամայեց,
ինչ
որ
ծանր
եկաւ
առաջին
ծրագիրը
պատրաստողներուն,
որոնցմէ
Հմայեակ
Երէցեան,
յանդգնութեան
հակամէտ
յախուռն
բնոյթ
մը,
ոչ
միայն
յայտնապէս
պատրիարք
եւ
պատուիրակ
անարգելու,
այլեւ
տպարան
մտնելով
եւ
աղաղակներով
հրատարակութիւնը
արգիլելու
ձեռներէց
ըլլալուն,
եւ
խրատներով
ու
յորդորներով
չօգտուելուն
վրայ`
հարկ
եղաւ
պետական
միջամտութեամբ
զայն
վանքէն
ալ
հեռացնել
նոյեմբերի
շուրջ
20-ին,
եւ
իբր
Սասունցի
Մշոյ
Ս.
Կարապետը
յղել
տալ,
այս
առթիւ
իր
գործակից
Վահան
Քէշիշեան
ալ
որոշուեցաւ
Լաւոդիկէի
տեսչութեամբ
հեռացնել:
Իսկ
ընդհանուր
ժողովը
գումարուեցաւ
նոյեմբեր
26-ին
Վեհապետեանի
պաշտօնագիրով,
որ
կը
յայտնէր
առաջին
ծրագիրէն
լուսարարապետի
դիրքին
եւ
տնօրէնի
ընտրելեաց
մասին
մուծուած
փոփոխութիւնները
վերուցած
ըլլալը,
առաջինը
Սուրբ
Աթոռոյս
անյեղլի
օրինաց
կարգ
անցած
հնաւանդ
եւ
նուիրական
սովորութիւնները
անխախտ
պահելու
նպատակով,
եւ
երկրորդը
միաբանութեան
ներկայ
վիճակին
մէջ
օգտակար
եւ
արդիւնաւոր
չի
կրնար
ըլլալը
դիտելով
(07.
ՄԻԱ.
221-222):
Միաբանական
ժողովը
նոյեմբեր
26,
27,
28,
եւ
29
օրերու
շարունակեալ
չորս
նիստերով
եւ
պատուիրակներու
ներկայութեամբ
տպագրեալ
ծրագիրին
վրայ
վերաքննութիւն
կատարեց
(07.
ՄԻԱ.
224-285),
եւ
բաւական
փոփոխութիւններ
ներմուծեց,
մեծագոյն
մասը
միտքը
պարզելու
կամ
բացատրութիւնը
յստակելու
դիտմամբ
կատարուած:
Միաբանական
վերաքննութեան
մուծած
փոփոխութիւններուն
ամենէն
աչքառուն
դարձեալ
լուսարարապետի
գիրքը
կը
շօշափէր,
որուն
պաշտօնին
անփոփոխելիութիւնը
ընդունելով`
տնօրէնի
հաստատուն
անդամակցութիւնը
կը
զլացուէր
երկար
դիտողութիւններէ
ետքը,
որոնք
աւելի
նախորդ
լուսարարապետներու
զեղծումներուն
կը
պատկանէին
(07.
ՄԻԱ.
248-253):
Յայտնապէս
աւելցած
էր
որ
ելեւմտից
տեսուչը
տնօրէնի
անդամակից
չի
կրնար
ըլլալ
(07.
ՄԻԱ.
271),
պատրիարքական
ընտրելեաց
առաջին
եօթնանուն
ցանկին
բացականերուն
գրաւոր
քուէն
կ՚ընդունուէր
(07.
ՄԻԱ.
247).
մատակարարի
համար
յատուկ
յօդուած
կ՚աւելցուէր
(07.
ՄԻԱ.
282),
վաւերացած
կանոնագիրին
վերաքննութեան
համար
տասնամեայ
պայմանաժամը
պատահաբար
հինգի
կը
կապուէր,
եթէ
գործադրութեան
մէջ
դժուարութիւններ
տեսնուէին
(07.
ՄԻԱ.
284),
եւ
վերջապէս
յաւելուածական
պայման
մը
քուէարկուեցաւ
որ
միայն
այս
անգամուան
համար
միաբանութիւնը
կ՚ընդունի
կեդրոնի
խառն
ժողովոյ
վաւերացումը,
նկատելով
երեսփոխանութիւն
հաւաքելու
դժուարութիւնը
(07.
ՄԻԱ.
285),
եւ
այսպէս
փակուեցաւ
վերաքննութիւնը,
եւ
նախագահ
Յարութիւն
պատրիարքի
եւ
ատենապետ
Սմբատ
Գազազեան
վարդապետի
ստորագրութեամբ
վաւերացեալ
օրինակ
մը
պատուիրակներու
յանձնուեցաւ
կեդրոնին
ներկայելու:
3072.
ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ
ՓԱԿՈՒՄԸ
Հաշուական
գործողութիւնները
չընդհատելու
համար
կանխեցինք
անոնց
աւարտը
կանոնագիրի
վերաքննութենէ
առաջ
անցունել
(§
3070),
թէ
ոչ
պատուիրակաց
ներկայութեամբ
կատարուած
վերջին
միաբանական
գումարումը
դեկտեմբեր
17-ին
կատարուածն
է,
որուն
վերջը
աշխարհական
պատուիրակ
Արիս
Ֆէսճեան
իր
հրաժեշտի
խօսքերը
արտասանեց
(07.
ՄԻԱ.
310-312):
Առաջին
գործակատարի
բացակայութիւնը
զգալի
կ՚ըլլար
պատրիարքարանի
գործունէութեան
մէջ,
եւ
տարապայման
ծանրութիւններ
կը
պատճառէր
պատրիարքին
վրայ,
միւս
կողմէն
առնուած
լուրերն
ալ
պատուիրակութեան
քննչական
գործերուն
լրացած
ըլլալը
կը
հաստատէին,
որով
Օրմանեան
հաղորդեց
Ֆէսճեանի
դառնալուն
հրամանը,
եւ
նա
ալ
դեկտեմբեր
19-ին
Երուսաղէմէ
եւ
20-ին
Յոպպէէ
մեկնելով
30-ին
Կ.
Պոլիս
հասաւ
(07.
ԲԻԶ.
3421):
Իսկ
Մանկունի
եպիսկոպոսի
հրահանգ
տրուեցաւ
ժամանակ
մը
եւս
մնալ
Երուսաղէմ,
գլխաւորապէս
միաբանութեան
կարգուսարքին
եւ
բաժանեալ
կուսակցութեանց
համերաշխութեան
աշխատելու
պաշտօնով,
որուն
թէպէտ
հետեւեցաւ,
բայց
հիմնական
դարմանի
չկրցաւ
յանգիլ,
եւ
ապրիլ
13-ին
Զատկական
տօնախմբութիւններն
ալ
կատարելով,
մայիսի
առաջին
օրերը
Երուսաղէմէ
մեկնեցաւ
եւ
7-ին
Կ.
Պոլիս
հասաւ
(08.
ԱՐԼ.
6791):
Պատուիրակութեան
գլխաւոր
արդիւնքն
եղաւ
հաշիւներու
խղճամիտ
հետազօտութիւնը
եւ
կանոնաւոր
տեղեկագրութիւնը
եւ
կանոնագիրին
վերաքննութիւնը,
ինչպէս
նաեւ
1907
սեպտեմբերէն
մինչեւ
1908
ապրիլ
վանքին
մէջ
խաղաղ
կացութիւն
մը
պահելը:
Պատուիրակութեան
սկիզբը
երեք
մասնաժողովներ
կազմուած
էին
որոնց
երկուքին,
մատակարարականին
եւ
կալուածականին,
գործառնութիւնները
ըստ
բաւականին
բացատրեցինք.
կը
մնար
գանձատան
մասնաժողովը
որ
պատուիրակներուն
հասնելէն
առաջ
կազմուած
էր,
եւ
պաշտօն
ունէր
գանձատան
պարունակութիւնը
ճշդութեամբ
ցուցակագրել,
սակայն
պատուիրակութեան
միջոցին
շարունակելով
ալ
չկրցաւ
լրանալ,
եւ
այնպէս
մնաց
եկեղեցական
պատուիրակին
մեկնելէն
ետքն
ալ:
Կեդրոնը
ուզած
էր
ունենալ
Երուսաղէմի
կալուածներուն
եւ
հասութաբեր
սեփականութեանց
լիակատար
ցուցակը
բոլոր
հանգամանքներով,
եւ
այս
ալ
իբր
պարզ
նիւթական
աշխատութիւն
մը
ետեւ
մնաց
եւ
չկրցաւ
կեդրոնին
հաղորդուիլ:
Կեդրոնը
ուզած
էր
նաեւ
տոկոսաւոր
պարտքերու
ամբողջական
եւ
անուանական
ցուցակը,
որ
թէպէտ
դժուար
չէր
կազմել.
սակայն
պատրաստելու
հոգ
չտարուեցաւ
այն
մտածումով,
որ
փոխատուներէն
շատեր
զանազան
ակնածութեամբ,
մանաւանդ
Յոյն
եկեղեցականներ
իրենց
մեծաւորներէն
խիթալով,
չեն
ուզեր
յիշուիլ
եւ
անուննին
գաղտնի
պահելու
պայման
կը
դնեն:
Թէպէտ
Ֆէսճեան
կանուխ
դառնալով
պաշտօնական
տեղեկագիրները
բերած
էր,
սակայն
պատշաճ
դատուեցաւ
Մանկունիի
ալ
վերադարձին
սպասել
լիագոյն
տեսութեանց
համար,
եւ
անկէ
ետքը
հաշուական
տեղեկագիրները
վարչութեան
ատենապետաց
յանձնուեցաւ
նախաքննել
եւ
եզրակացութիւննին
առաջարկել:
Մանկունի
եպիսկոպոս
պատուիրակ
գտնուած
ըլլալուն
չուզեց
մասնակցիլ,
եւ
Գրիգորիս
եպիսկոպոս
Յովհաննէսեան
ատենապետին
ընկերացաւ
Կէօմրիւքճեան
Մովսէս
եպիսկոպոս,
որ
Մանկունիի
բացակայութեան
փոխատենապետութիւնը
վարած
էր,
իսկ
քաղաքական
ժողովէն
դարձեալ
Նորատունկեան
եւ
Աշնան:
Կանոնագիրին
վերաքննութեան
կանուխ
ձեռք
զարնուեցաւ
եւ
ատենապետաց
մասնաժողովը
քանիցս
նիստ
ընելով
պատրիարքի
նախագահութեամբ,
միաբանական
ժողովի
փոփոխութեանց
շատերը
իւրացուց,
շատ
տեղ
բացատրութիւնները
պարզեց
եւ
յստակեց,
լուսարարապետին
տնօրէն
ժողովի
մէջ
հաստատուն
անդամակցութիւնը
ընդունեցաւ,
վերաքննութեան
պայմանաժամը
հաստատապէս
հինգ
տարիի
կապեց,
եւ
Օրմանեանի
յանձնուեցաւ
ընդհանուր
տեսութիւն
մը
գրի
առնել
յայտնուած
գաղափարներու
հետեւողութեամբ,
եւ
մինչեւ
հաստատուն
վաւերացումը
մէկ
տարուան
համար
ներկայացուած
եւ
քիչ
փոփոխուած
ծրագիրը
գործադրութեան
հրամայեց:
Օրմանեանի
պատրաստած
նախաքննութիւնը
վերաքննեալ
կանոնի
Ս.
Յակոբեանց
միաբանութեան
Երուսաղէմի,
39
մեծադիր
էջերէ
բաղկացեալ
գրուած
մըն
է,
եղածը
եւ
ըլլալիքը,
պարտաւորականը
եւ
պատշաճականը
պարունակող:
Յառաջաբանին
մէջ
պատմականօրէն
ամփոփուած
է
սկիզբէն
ի
վեր
Երուսաղէմի
գործոց
մէջ
կեդրոնին
միջամտութիւնը
եւ
կանոնագիրի
կազմութեան
նախաձեռնութիւնը,
իւրաքանչիւր
յօդուածին
մասին
տեսութիւններ
յայտնուած
են,
եւ
վերջը
նկատողութեան
արժանի
եւ
ուղղելի
կամ
կարգադրելի
45
կէտերու
ցուցակ
մը
կազմուած
է
ուսումնասիրութեան
ենթարկելու
եւ
ըստ
այնմ
կանոնագիրին
անցունելու
համար:
Ասոնց
գլխաւորներն
են,
միաբաններու
պարտաւորիչ
ծառայութիւնները
ճշդել,
պաշտօն
մը
մերժելու
օրինաւոր
պատճառները
նշանակել,
վանական
կեանքէ
բացակայելու
պայմանները
որոշել,
միաբանութենէ
արտաքսելու
պատիժը
ջնջել,
արտաքսումը
զրկումներով
փոխանակել,
տնօրէնի
անդամակցութեան
30
տարեկան
ըլլալը
բաւական
սեպել,
տնօրէնի
ընտրելիներու
փակեալ
ցանկը
եռապատիկ
ընել,
զայն
կազմելու
համար
լուսարարապետի
հետ
փոխանորդի
եւ
երկու
երիցագոյներու
գործակցութիւնը
հաստատել,
միաբանական
հաստատուն
ժողովները
իւրաքանչիւր
քառամսեային
կատարել,
լուսարարապետի
քով
վեղարաւոր
լուսարար
մը
աւելցնել,
ելեւմտացոյցը
յունուարէն
կազմել,
փոխառութեանց
իրաւունքը
հազար
լիրայէ
անդին
կեդրոնի
վերապահել,
գլխաւոր
կալուածներու
վաճառումը
կեդրոնի
հաւանութեան
ենթարկել,
դպրանոցի
ծրագիրը
վերակազմել,
կարասեաց
ցուցակ
եւ
դիպուածոց
օրագրութիւն
հաստատել,
աշխատաւորներու
եւ
մայրապետներու
վիճակը
առանձին
կանոնագիրով
կարգադրել,
Երուսաղէմի
տեղացիներու
վանքին
հետ
իրաւանց
եւ
յարաբերութեանց
կէտերը
ճշդել:
Միեւնոյն
ժամանակ
Երուսաղէմի
միաբանութեան
1908
մայիս
9-ի
նիստին
մէջ
առաջիկայ
1908-9
տարւոյ
ելեւմտացոյցը
պատրաստուելով
կեդրոնին
հաղորդուեցաւ
(08.
ՄԻԱ.
327-349),
եւ
մայիս
17-ին
դպրոցաց
մասնաժողովին
պատրաստած
ծրագիրը
քննուեցաւ
(08.
ՄԻԱ.
350-370):
Այս
առթիւ
ելեւմտական
տեսչութենէ
հրաժարած
Գայըգճեանի
վերաբերող
խնդիր
մըն
ալ
պարզուեցաւ,
իբր
զի
Թադէոս
վարդապետի
թողօնէն
մնացած
տասը
հատ
արժէթուղթերէն
մէկին
թիւը
տարբեր
կը
գտնուէր,
եւ
իբր
մեծ
պարգեւ
շահած
թիւ
մը
փոփոխած
կը
կարծուէր:
Սակայն
օսմանեան
դրամատան
վկայութեամբ
խօսքի
նիւթ
կազմող
թիւին
երբեք
վիճակով
ելած
չըլլալը
հաստատուելով`
ամբաստանութեան
անհիմն,
եւ
տարբերութեան
պարզ
ընդօրինակութեան
սխալանք
ըլլալը
կը
հաստատուէր,
եւ
խնդիրը
կը
փակուէր
(07.
ՄԻԱ.
286
եւ
08.
ՄԻԱ.
325):
Երուսաղէմի
խնդիրին
(§
3038)
պատմութիւնը
փակած
ատեննիս
հարկ
կը
սեպենք
դիտել
տալ,
թէ
երրորդ
պատուիրակութեան
գործունէութիւնը
բաւական
արդիւնաւոր
եւ
խնդիրը
հիմնովին
լուծելու
բաւարար
կը
նկատուէր,
եւ
ամէն
կողմերէ
վստահացուցիչ
յուսադրութիւններ
կը
յայտնուէին,
երբ
1908
յուլիս
10-ին
եւ
11-ին
օսմանեան
ազատութեան
հռչակուելովը,
ինչպէս
ամէն
ներքին
գործեր,
նոյնպէս
ազգային
պատրիարքարանի
գործերն
ալ
հիմնովին
յեղափոխուեցան,
եւ
Երուսաղէմի
խնդիրն
ալ
նոր
կերպարան
առաւ,
ինչպէս
իր
կարգին
պիտի
պատմենք:
3073.
ՎԱՐՉԱԿԱՆ
ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ
Երուսաղէմի
խնդիրը
ընդհատումներով
մթութեան
չմատնելու
համար
շարունակեցինք
մինչեւ
1908
տարւոյ
կէսը,
այսինքն
մինչեւ
Օրմանեանի
պատրիարքութենէ
դադարելուն
օրը.
սակայն
ամբողջ
պատմութիւննիս
այնտեղ
հասած
չէ,
եւ
ուրիշ
մասերով
ետեւ
մնացած
ենք.
յատկապէս
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքարանի
եղելութիւններով,
զորս
թողած
ենք
1903
տարւոյ
սկիզբները,
Օրմանեանի
անձին
վրայ
կատարուած
յունուար
6-ի
մահափորձէն
ետքը
(§
3025):
Այդ
առթիւ
ակնարկեցինք
արդէն
թէ
այն
արկածին
վրայ
Օրմանեան
պահ
մը
զանց
ըրաւ
հրաժարականի
փաստը
գործածել
կառավարութեան
հանդէպ,
որպէսզի
սպառնալիքէ
վախնալով
դասալիք
եղողի
կերպարանը
առած
չերեւայ,
եւ
այս
կէտին
վրայ
հաստատուն
մնաց
երեք
լրացեալ
տարիներ,
մինչեւ
1906
յուլիս,
թէպէտ
այդ
միջոցին
մէկէ
աւելի
խնդիրներ
կացութիւնը
կը
ծանրացնէին,
եւ
եթէ
դասալքութեան
գաղափարը
միտքին
վրայ
չազդէր,
կանուխէն
գործածուած
հրաժարականի
փաստը
դարձեալ
գործածուած
կ՚ըլլար
անշուշտ.
մինչ
յիշեալ
գաղափարին
պատճառով
բողոքոյ
փաստին
տեղ
ողոքոյ
փաստերուն
առաջնութիւն
տալ
պարտաւորուեցաւ
(
ՕՄԱ.
84),
թէպէտ
ոչ
ամէնքը
նոյն
գաղափարին
յարգողներն
էին:
Օրմանեանի
տեսութեամբ
նախադասելի
էր
անոնց
կարծիքը,
որոնք
վիշտերու
ներքեւ
հեծելով`
մօտէն
կրնային
պարագաները
կշռադատել,
եւ
գործնական
եւ
օգտակարագոյն
միտքերը
ճշդել,
եւ
զորս
խոհական
անուանել
սովոր
էր,
քան
թէ
հետեւիլ
անոնց,
որ
վիշտերէ
հեռու
եւ
եւրոպական
ազատ
մթնոլորտի
մէջ
ապրելով,
կը
կարծէին
փորձանքներով
փորձ
փորձել,
եւ
իբր
ապագայ
բարօրութեան
փաստ
ներկա'յ
դժուարութիւնները
եւ
նեղութիւնները
աճեցնել,
զորս
Օրմանեան
նմանաձայն
անունով
խօլական
կը
կոչէր,
եւ
համարձակ
կ՚ազդարարէր
թէ
խիղճի
ալ
հակառակ
է
այնպիսի
յախուռն
փորձերու
ձեռնարկել,
որոնց
հետեւանքը
ընողը
ինքն
պիտի
չկրէ,
եւ
ուրիշներու
վրայ
պիտի
ծանրանայ:
Այս
տարբեր
տեսութեանց
պատճառով
Օրմանեանի
1903-է
1906
հանդարտ
պաշտօնավարութեան
ձեւը
կերպ
կերպ
քննադատութեանց
ենթարկուեցաւ,
եւ
միանգամայն
սպառնալից
նամակներ
եւ
յայտարարութիւններ
տեղացին
զանազան
կողմերէ,
որպէսզի
անհանդարտ
ծրագիրին
համակերպի
եւ
գործակցի,
ապա
թէ
ոչ
հրաժարի
եւ
քաշուի,
եւ
պատրիարքարանը
անկերպարան
մնալով
նորանոր
խառնակութեանց
ասպարէզ
տրուի,
որոնցմէ
կը
սպասէին
բարեկարգութեանց
եւ
բարօրութեանց
ծագումը.
մինչ
բոլորովին
հակառակն
էր
Օրմանեանի
վարչականութեան
սկզբունքը,
իրեն
համամիտ
եւ
քաջալերիչ
ունենալով
պաշտօնի
վրայ
գտնուող
վարչութիւնը:
Անոնց
տեսութեամբ
պէտք
էր
ժողովուրդը
որեւէ
նոր
վտանգէ
եւ
վնասէ
զերծ
պահել,
որչափ
հնար
էր
փորձանքներուն
առջեւն
առնել,
ներածին
չափ
առիթներէ
օգտուիլ,
ներքին
կացութիւնը
բարւոքելու
ջանալ,
հանրութիւնը
յուսաբեկութեան
չմատնել,
եւ
դիւրութեանց
հնարաւոր
միջոցները
մշակել:
Ուստի
կը
ջանային
թշուառութիւնները
նպաստներով
դարմանել,
որբանոցներով
մանկութիւնը
փրկել,
դպրոցներով
նոր
սերունդը
կազմակերպել,
ինքնաշխատութեամբ
եւ
ինքնօգնութեամբ
հանրութիւնը
զարգացնել,
եւ
այս
արդիւնքները
ձեռք
ձգելու
համար,
օրինաւոր
կեանք,
ջանացկոտ
բազուկ,
հանդարտ
միտք,
եւ
ամուր
սիրտ
պատրաստել,
երեւակայական
եւ
անհաւանական
եւ
անիրականալի
ձգտումներով
չօրօրուիլ,
այլ
գործնական,
հաւանական
եւ
իրականալի
ձեռնարկներով
զբաղիլ:
Օրմանեան
իբրեւ
վաղեմի
ուսուցիչ
եւ
դաստիարակ,
անձամբ
եւ
անդադար
կը
շրջէր
մայրաքաղաքի
դպրոցները,
կը
հրահանգէր
եւ
կ՚առաջնորդէր,
գաւառներու
դպրոցներուն
եւ
որբանոցներուն
նիւթական
նպաստներ
եւ
ուսուցչական
խրատներ
կը
հասցնէր,
հիւանդանոց
եւ
որբանոց
ստէպ
կ՚այցելէր,
եկեղեցական
արարողութիւններով
ժողովրդական
եռանդը
վառ
պահել
կը
ջանար,
արգիլեալ
համախմբութեանց
տեղ
ներեալները
կ՚ընդարձակէր,
դպրոցական
հանդէսներուն
անձամբ
կը
նախագահէր`
իր
ներկայութեամբ
ոստիկանական
ձանձրացուցիչ
միջամտութիւնները
արգիլելու
համար,
եւ
անդադար
քարոզութիւններով
զգացումները
բարձրացնելու
եւ
սիրտերը
ժրելու
կը
հետեւէր,
թաղական
մատակարարութեանց
եւ
գաւառական
վարչութեանց
պէտքերը
հոգալու
մօտէն
կը
հսկէր,
գրութիւններով
եւ
միջոցներով
կը
զօրացնէր,
այնպէս
որ
լքեալ
եւ
անտէրունչ
թաղ
կամ
վիճակ
քաղաքական
միջոցները
գործածելէ
ետ
չէր
մնար.
մէկ
կողմէն
արքունիք
եւ
նախարարութիւններ
կը
շրջէր
շարունակ,
միւս
կողմէն
օտար
դեսպանատուներ
կ՚այցելէր,
որպէսզի
տեղեակ
ըլլայ
ամէն
անցուդարձերու,
իմանայ
նպաստաւոր
մտադրութիւններն
ու
աննպաստ
մեքենայութիւնները,
եւ
գիտակցութեամբ
եւ
պարագայից
կշռադատութեամբ
իր
ջանքերը
արդիւնաւորէ,
ապարդիւն
ջանքերով
ժամավաճառ
չըլլայ
եւ
պատեհ
առիթներու
արդիւնքէն
չզրկուի:
Աւելի
հետամուտ
էր
ընդհանուր
գործառնութեանց
քան
անհատական
խնդրանքներու,
ինչպէս
օրէնքն
ալ
կը
պահանջէր
ընդհանուրը
մասնաւորին
չզոհել,
եւ
տրամադրելի
ոյժերը
երկրորդականներու
վատնելով
առաջնականներուն
չտիրանալ:
Նոյն
ուղղութեամբ
կը
կանխէր
ձեռնարկներուն
ելքը
չափել
ու
կշռել,
եւ
յաջողութիւնը
գոնէ
հաւանական
չտեսած,
գործին
չմիջամտել,
որով
ուզածդ
կ
՚
ընես
ըսողին
սովոր
էր
պատասխանել
թէ
կրցածս
կ
՚
ուզեմ
(
ՕՄԱ.
116):
Երկար
պիտի
ըլլար
պատրիարքական
գործունէութեան
մանրամասնութիւններով
զբաղիլ,
ուստի
բաւական
կը
սեպենք
այդ
համառօտ
ստուերագիծը
Օրմանեանի
ընթացքին
մասին,
որ
բաւական
յաջողութեամբ
ընդարձակուեցաւ
եւ
երկարեցաւ,
թէպէտ
պարագայից
փոփոխուելէն
ետքը
շատ
խծբծանաց
ենթարկուեցաւ,
սակայն
պատմութիւնը
կը
պահանջէ
ամէն
եղելութիւն
իր
ժամանակին
եւ
պէտքերուն
եւ
պարագաներուն
համեմատութեամբ
դատել,
եւ
ոչ
թէ
ընդարձակ
տեսութիւններով
հողմեր
արածել:
3074.
ԽՈՒԶԱՐԿՈՒԹԵԱՆ
ԽՆԴԻՐԸ
Որչափ
ալ
չուզենք
մասնաւոր
իրողութիւններով
զբաղիլ,
սակայն
կա'ն
այնպիսի
աչքառու
դէպքեր,
զորս
հնար
չէ
առանց
պարտուպատշաճ
բացատրութեան
անցունել:
Ռումբի
մը
պայթում
մը
տեղի
ունեցաւ
1905
յուլիս
8-ին
Եըլտըզի
բացավայրին
մէջ,
երբ
Ապտիւլհամիտ
կայսր
ուրբաթի
կէսօրին
աղօթքը
կատարած
Համիտիյէ
մզկիթէն
դուրս
կ՚ելլէր:
Նպատակը
սուլտանին
դէմ
մահափորձ
մը
մեկնուեցաւ,
դաւաճանութեան
հեղինակներուն
մասին
առաջին
այլ
ընդ
այլոյ
զրոյցներէն
ետքը
գործը
հայ
յեղափոխականաց
վրայ
նետուեցաւ:
Ազգաւ
մարոնի
եւ
մեքենայութեանց
վարժ
Նէճիպ
Մելհամէ
փաշայի
ընդարձակ
ասպարէզ
տրուեցաւ
հետազօտութիւններ
կատարելու,
դատարաններ
եւ
դատապարտութիւններ
եւ
հրատարակութիւններ
մեծ
ծաւալ
ստացան:
Բայց
շատ
մը
պարագաներ,
ինչպէս
ռումբի
տեղւոյն
եւ
մզկիթի
դրան
տարանջատ
հեռաւորութիւնը
եւ
անյարմար
դիրքը,
գործին
մէջ
Մելհամէի
մտերիմ
Պելճիացիի
մը
վարած
դերը,
ամբաստանուած
Հայերուն
եւրոպական
անուններու
ներքեւ
քօղարկուած
ըլլալը,
ռումբին
վնասներուն
կարծուած
նպատակէն
դուրս
պատահական
շրջանակի
մէջ
ամփոփուիլը,
եւ
նոյն
ինքն
կայսեր
այդ
վայրկեաններուն
պահած
դերը
ու
շարժումներն
ու
խօսքերը,
առիթ
կ՚ընծայեն
խորախորհուրդ
դարձուած
մը
տեսնել
կազմակերպեալ
դաւաճանութեան
մէջ,
այլ
լուծումը
մեր
նպատակէն
դուրս
կը
մնայ:
Եթէ
նպատակը
անորոշ
ըսուի,
արդիւնքն
իրականութիւն
եղաւ,
Հայոց
դէմ
ընդհանուր
խստութեանց
նոր
ծրագիր
մը,
զոր
Մելհամէի
գործունէութիւնը
հետզհետէ
պարզեց
եւ
ծաւալեց
(
ՕՄԱ.
127):
Օրմանեանի
ջանքերը
կրցան
մինչեւ
աստիճան
մը
գործը
ամփոփ
պարունակի
մէջ
պահել,
բայց
Մելհամէի
գիւտերը
չդադրեցան
շարունակ
նոր
բողբոջներ
տալ,
որոնց
մէկն
էր
հայ
հաստատութեանց
մէջ
ծածկուած
զէնքերու
մթերք
փնտռել:
Սեպտեմբեր
21-ի
առաւօտուն
լսուեցաւ
թէ
գիշերանց
Բերայի
դադարեալ
գերեզմաննոցին
մէջ
եկեղեցւոյ
պաշտօնեաները
զգուշութեան
ներքեւ
առնուելէ
ետքը,
տապանաքարեր
խախտուած
են
ներքեւէն
ռումբեր
եւ
զէնքեր
հանելու
համար,
որոնց
մասին
իբր
թէ
ստոյգ
լուր
տուողներ
եղեր
են:
Թէպէտ
ենթադրութիւնը
չէր
ճշմարտուած,
բայց
Օրմանեան
փութաց
կայսեր
բողոքել,
թէ
անհիմն
զրպարտութեանց
եւ
թէ
առանց
պատրիարքարանի
գիտակցութեան
սրբավայրեր
բռնաբարուելուն
համար:
Կայսեր
կողմէ
խոստացուեցաւ
անտեղութիւնները
արգիլել,
եւ
նոյն
երեկոյ
նախարարութենէն
ալ
հաղորդուեցաւ
որ
առանց
պատրիարքարանի
գիտակցութեան
այսպիսի
գործ
մը
պիտի
չկրկնուի:
Այս
անգամ
Մելհամէ
նոյն
իսկ
պատրիարքարանի
մէջ
խուզարկութիւններու
պէտք
կը
տեսնէ,
իբր
թէ
ստացուած
տեղեկութեանց
համեմատ
ներքնայարկի
որոշ
անկիւններու
մէջ
ռումբեր
պահուած
ըլլան,
եւ
որպէսզի
խոստացեալ
պայմանը
յարգուի,
Մելհամէ
անձամբ
բանակցութեան
կը
մտնէ
Օրմանեանի
հետ
արքունեաց
մէջ.
սեպտեմբեր
25-ին,
Օրմանեանը
վստահացնելով
թէ
իր
անձին
դէմ
որեւէ
հետեւանք
չի
կրնար
ունենալ,
քանի
որ
Իզմիրլեանի
օրէն
պատրիարքարանի
մէջ
մթերուած
ըլլալը
հաստատուած
է:
Մելհամէի
առաջարկը
բացէբաց
մերժուեցաւ
Օրմանեանէ,
թէ
օրինաց
եւ
թէ
պատշաճից
տեսակէտներով,
պնդելով
որ
առաջին
զինքն
պաշտօնանկ
ընելով
հեռացնեն,
եւ
յետոյ
պաշտօնապէս
պատրիարքարան
խուզարկեն:
Գործը
այն
օր
մնաց,
բայց
պատրիարքարանը
անմիջապէս
ոստիկան
պահակներէ
շրջապատուեցաւ:
Օրմանեան
29-ին
այդ
մասին
բողոքելու
համար
նորէն
Եըլտըզ
դարձաւ
եւ
պահակները
վերացնելու
խոստումը
ստացաւ:
Հոկտեմբեր
1-ին
բանակցութիւնները
նորոգուեցան
Օրմանեանի
եւ
Մելհամէի
միջեւ,
միշտ
արքունեաց
մէջ,
առաջին
քարտուղար
Թահսին
փաշան
ալ
միջամտեց,
Օրմանեան
բնաւ
զիջողութեան
չմօտեցաւ,
բանակցութիւնը
երկարեցաւ,
կայսեր
տարուած
լուրեր
եւ
բերուած
պատասխանները
ժամերով
շարունակեցին,
մինչեւ
որ
կայսեր
կողմէ
առաջարկուեցաւ,
առանց
պաշտօնական
անձանց
միջամտութեան,
միայն
պատրիարքին
կողմէ
անպաշտօն
խուզարկութիւն
մը
կատարել,
յայտարարելով
թէ
իր
պաշտօնեաներէն
ա'լ
աւելի
վստահութիւն
ունի
պատրիարքին
վրայ:
Անազնիւ
էր
այլեւս
այդ
զիջողութեան
դիմադրել,
եւ
հոկտեմբեր
3-ին
պատրիարք
անձամբ
կատարեց
Գումգաբուի
պատրիարքարանին
եկեղեցիին
եւ
վարժարանին
ամէն
կողմերուն
խուզարկութիւնը,
իրեն
օգնական
առնելով
պատրիարքարանի
չորս
աւագ
պաշտօնեաները,
Արիս
Ֆէսճեան,
Բարթող
Թելեան,
Կարապետ
Խաչատուրեան,
Մկրտիչ
Մելիքեան,
եւ
Բերայի
ատենապետը
Ռոպեր
Եազըճեան,
իբրեւ
պալատական
ծանօթ
անձ.
բայց
Մելհամէի
նշանակած
տեղերէն
եւ
ուրիշ
կողմերէն
բնաւ
խօսուած
նիւթերը
չգտնուեցան,
եւ
ըստ
այնմ
կայսեր
տեղեկագրուեցաւ,
եւ
հոկտեմբեր
5-ի
խառն
ժողովն
ալ
գոհունակութեամբ
լսեց
գործին
ընթացքը
ու
ելքը:
Մելհամէի
ձեռնարկին
նպատակը
զէնքէն
եւ
ռումբէն
աւելի
դիւանին
վրայ
ձեռք
դնելն
էր,
վասնզի
զրոյց
կը
շրջէր
թէ
պատրիարքարանն
էր
որ
Փարիզի
ի
նպաստ
Հայաստանի
(Pro-Armenia)
լրագիրին
տեղեկութիւնները
կը
մատակարարէր,
եւ
երկու
դիւանապետներ
Թելեան
եւ
Խաչատուրեան,
հարցաքննութեան
ալ
կոչուած
էին,
սակայն
ոչ
միայն
Մելհամէի
այդ
ներքին
միտքն
ալ
խափանուեցաւ,
այլեւ
դիւանապետներուն
հարցաքննութեան
կոչն
ալ
ընթացք
չունեցաւ
երբոր
Օրմանեան
պատրիարքարանի
գործունէութեան
մասին
իւր
անձնական
պատասխանատուութիւնը
դիմադրեց
եւ
համարձակ
պնդեց,
եւ
այսպէս
պատրիարքարանն
ու
ազգն
ազատելու
համար
կազմուած
խարդախ
միջոցը,
ամուր
ընդդիմութեամբ
եւ
պատուաւոր
դարձուածով,
ոչ
միայն
ցնդեցաւ,
այլեւ
օգտակար
յաջողութեան
վերածուեցաւ
(
ՕՄԱ.
127-130):
3075.
ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ԵՐԿԱՄԵԱԿՆԵՐԸ
Որովհետեւ
ոչ
ժամանակի
այլ
նիւթերու
կարգով
կը
յառաջենք,
շարունակենք
կարեւորագոյն
միջադէպները
յառաջ
բերել
եղելութեանց
կապակցութեան
հետեւելով:
Պատմած
ենք
թէ
վարչական
ժողովներու
երկամեայ
շրջանը
եւ
վերանորոգուելու
սահմանադրական
կանոնը,
վարչութիւնը
զբաղեցնող
գլխաւոր
կէտերէն
մին
եղած
էր:
Առաջին
երկամեայն
1899
ապրիլին
կապուեցաւ
սահմանադրութեան
հաշուած
պայմանաժամը
յարգելու
համար,
թէպէտ
1898
նոյեմբերին
կը
լրանար
եթէ
ընտրութեան
օրէն
համրուէր,
բայց
արգիլուեցաւ
(§
3013):
Արգելքը
յառաջ
կու
գար
1896-ին
կառավարութենէն
պահանջուած,
ընդհանուր
ժողովէն
ընդունուած,
եւ
նորընտիր
վարչական
մարմինէն
քննիչ
յանձնաժողովոյ
պաշտօնը
ստանձնուած
ըլլալէն
(§
2996),
որով
կառավարութիւնը
չէր
ներեր
երեսփոխանութիւն
գումարել
եւ
նոր
ընտրութիւն
ընել
այդ
պայմանը
չիրագործուած:
Առաջին
երկամեային
լրանալուն
1899-ին
տեղի
ունեցած
բանակցութիւններն
ու
որոշումները
պատմած
ենք
իր
կարգին
(§
3013),
որով
վարչութիւնը
ստիպուեցաւ
իր
գործը
շարունակել:
Միեւնոյն
պարագաները
կրկնուեցան
1901
ապրիլին
երկրորդ
երկամեային
լրանալուն
(§
3034),
երկրորդ
երկամեայն
կը
լրանար
1903
ապրիլին,
եւ
միեւնոյն
առաջարկ
եւ
արգելք
պիտի
նորոգուէին,
սակայն
դեռ
նոր
անցած
էր
1903
յունուար
6-ի
մահափորձը,
եւ
Օրմանեան
որոշած
էր
առժամանակ
մը
հրաժարականի
խօսքը
չընել,
սպառնալիքի
առջեւ
դասալիք
եղածի
կերպարանը
չառնելու
համար
(§
3025),
ուստի
այս
անգամ
ժողովականներ
վրանին
առին
ժողովի
վերակազմութեան
խնդիրը
յուզելու,
եւ
իբր
պարտաւորութենէ
աւելի
աշխատածներ
եւ
երեք
շրջան
շարունակ
ժողովականութիւն
վարելով
յոգնածներ,
սկսան
ժողովներէն
բացակայիլ
եւ
գործերը
լքանել,
որով
Օրմանեանի
ալ
առիթ
կ՚ընծայէին
յայտարարելու
թէ
առանց
ժողովի
եւ
ժողովականի,
ոչ
գործերը
վարելու
եւ
ոչ
վերաքննութիւն
կատարելու
հնարաւորութիւն
կը
մնար,
եւ
պէտք
էր
երեսփոխանութիւն
գումարել
եւ
նոր
վարչութիւն
կազմել:
Սակայն
ժողով
եւ
հաւաքում
շատ
հեռու
էին
Ապտիւլհամիտի
միտքէն
եւ
ախորժակէն,
եւ
որպէսզի
գտնուող
ժողովականները
յանձն
առնուն
տեղերնին
մնալ
պատիւի
շնորհաբաշխութեան
միջոցը
մտածեց,
եւ
ժողովականներու
իբր
վարձատրութիւն
ունեցած
շքանշաններուն
կամ
աստիճաններնուն
բարձր
բացումներ
շնորհեց:
Քաղաքականի
անդամներէն
Նորատունկեան,
Տիլպէր,
Գարակէօզեան,
Եուսուֆեան
եւ
Տէր-Ներսէսեան
շքանշանով,
Սեթեան,
Տէմիրճիպաշեան
եւ
Ասասեան
աստիճանով,
եւ
Խտրեան
ամսաթոշակի
յաւելուածով
պատուուեցան,
եւ
կրօնական
ժողովոյ
Յովհաննէսեան
եւ
Մանկունի
ատենապետներուն
ալ
շքանշաններ
շնորհուեցան
(03.
ԲԻԶ.
2020),
եւ
ժողովականներ
չկրնալով
պատուադիր
կերպերու
դիմաց
անպատուադիր
կերպ
մը
բռնել,
պարտաւորուեցան
զիջանիլ,
եւ
նորէն
կանոնաւորապէս
ժողովականութեան
պարտքերը
կատարել
(
ՕՄԱ.
75-76),
եւ
անգամ
մը
որ
երկամեակի
պայմանաժամին
տագնապը
դադրեցաւ,
չորրորդ
երկամեակին
շրջանը
ստանձնած
եղան:
Ժողովականաց
մտայնութիւնը
կատարեալ
բացատրած
ըլլալու
համար
պէտք
չէ
մտադրութենէն
վրիպեցնել,
որ
պարզապէս
արտաքին
պատիւները
չէին
իրենց
վրայ
ազդոցները,
այլ
1903-ին
արծարծուող
կենսական
խնդիրն
ալ,
Ռուսահայոց
եկեղեցական
կալուածներու
տագնապը
(§
3026),
Երուսաղէմի
հաշուեպահանջ
շարժումը
(§
3038),
եւ
Կիլիկիոյ
աթոռին
նոր
կազմակերպուիլը
(§
3022),
զօրաւոր
ճնշումներ
կը
բանեցնէին
իրենց
միտքին
վրայ
պատրիարքարանը
անտէրունչ
չթողլու
համար,
եւ
Օրմանեան
եւս
իր
կողմէն
միայնակ
եւ
անօգնական
մնալու
ենթադրութեան
առջեւ
անտարբեր
չէր:
Յիշուած
ծանր
կնճիռները
շուտով
չփարատուեցան,
եւ
ժողովներ,
քանի
որ
անգամ
մը
այդ
խնդիրները
ձեռք
առած
էին,
չէին
կրնար
ընդմիջել,
եւ
ստիպուած
շարունակեցին
չորրորդ
երկամեայն
ալ
1903-է
1905
ապրիլ,
եւ
պայմանաժամին
ի
դէպ
էր
նորոգել
իւրաքանչիւր
երկամեակի
վերջ
կատարուած
ցոյցերը:
Բայց
փորձերը
արդէն
հաստատած
էին
անոնց
ապարդիւն
մնալը,
եւ
միւս
կողմէ
վերոյիշեալ
ռուսահայ
եւ
սաղիմական
խնդիրները
սաստիկ
ճգնաժամի
մէջ
կը
գտնուէին,
ինչպէս
անոնց
պատմութիւնը
ըրած
ատեննիս
լիովին
բացատրած
ենք:
Ուստի
գրեթէ
առանց
նոր
խնդիր
յուզելու
վարչական
գործերը
շարունակեցին
1905
ապրիլին,
այսինքն
հինգերորդ
երկամեակին
մտնելէն
ետքն
ալ,
եւ
տարի
մը
եւս
շարունակեցին
մինչեւ
1906
ապրիլ,
երբ
ակնյայտնի
տեսնուեցաւ
որ
այլեւս
անհնար
էր
գրեթէ
անգործութեան
հասած
ժողովով
պատրիարքարան
դարձնել
եւ
վճռական
որոշումներ
տալ.
վասնզի
իւրաքանչիւր
ժողովին
14
անդամներէն
կրօնականը
6
եւ
քաղաքականը
4
անդամով
մնացած
էր,
եւ
խառն
ժողովը
28-էն
10
անդամի
վերածուած
կը
գտնուէր:
Կրօնականի
14
անդամներէն
մին
ինքն
Օրմանեանն
էր,
որ
ժողովականութեան
չսկսած
պատրիարք
ընտրուած
եւ
տեղը
բաց
էր
մնացած:
Գէորգ
Իւթիւճեան
վարդապետ
ընտրութեան
օրէն
բացակայ
էր,
եպիսկոպոս
ալ
ձեռնադրուեցաւ
եւ
Կ.
Պոլիս
չդարձաւ:
Մելքիսեդեկ
Մուրատեան
եպիսկոպոս
առջի
օրէն
հրաժարեցաւ
եւ
չմասնակցեցաւ,
Զմիւռնիա
առաջնորդ
գնաց
եւ
հոն
վախճանեցաւ
1903
յուլիս
12-ին
(03.
ԲԻԶ.
2074):
Յովսէփ
վարդապետ
Այվազեան
Եգիպտոսի
առաջնորդ
գնաց,
եպիսկոպոս
ձեռնադրուեցաւ
եւ
հոն
վախճանեցաւ
1904
յունիս
5-ին
(04.
ԱՐԼ.
5581):
Գարեգին
վարդապետ
Թաթարեան,
Խաչատուր
քահանայ
Տէր-Գաբրիէլեան
եւ
Գաբրիէլ
քահանայ
Խանճեան
հետզհետէ
Կ.
Պոլսոյ
մէջ
վախճանեցան,
եւ
Եղիշէ
վարդապետ
Դուրեան`
Արմաշի
փոխ-վանահայր
գնաց,
եպիսկոպոս
ձեռնադրուեցաւ
եւ
Զմիւռնիոյ
առաջնորդ
ընտրուեցաւ,
ուր
եւ
կը
գտնուէր,
եւ
այսպէս
ութ
անդամներ
պակսելով`
կը
մնային
միայն
Գրիգորիս
Յովհաննէսեան,
Վահրամ
Մանկունի
եւ
Գաբրիէլ
Ճէվահիրճեան
եպիսկոպոսներ
եւ
Կարապետ
Սեթեան,
Յովհաննէս
Շահպազեան
եւ
Կարապետ
Սանտալճեան
ծերունի
քահանաներ:
Իսկ
քաղաքականի
անդամներէն
Սենեքերիմ
Մանուկեան
եւ
Կարապետ
Գաբամաճեան
սկիզբէն
չէին
մասնակցած
եւ
վախճանած
էին.
նմանապէս
հետզհետէ
վախճանած
էին
Յարութիւն
Տատեան,
Ստեփան
Ասլանեան,
Էլիաս
Չայեան,
Գրիգոր
Գարակէօզեան
եւ
Սեպուհ
Տէմիրճիպաշեան.
Զարեհ
Տիլպէր
կարճ
միջոց
մը
մասնակցելէ
ետքը
իսպառ
ձեռնթափ
եղած
էր,
Գրիգոր
Խտրեան
եւ
Տիգրան
Եուսուֆեան
հիւանդութեամբ
տկարացած`
չէին
կրնար
ժողովներու
հետեւիլ,
եւ
գործի
վրայ
կը
մնային
միայն
Գաբրիէլ
Նորատունկեան,
Տիգրան
Տէր-Ներսէսեան,
Միհրան
Սեթեան
եւ
Մկրտիչ
Ասասեան
(
ՕՄԱ.
77):
3076.
ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՎԵՐԱԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ
Երբոր
ժողովներուն
վիճակը
այս
աստիճանին
հասաւ,
մնացող
ժողովականներ
շարունակելու
բացարձակ
անհնարութիւնը
տեսնելով,
եւ
թերի
կազմածով
պատասխանատուութեան
ներքեւ
մտնելէ
բացարձակապէս
խորշելով,
պաշտօնապէս
իրենց
որոշումները
յայտարարեցին
եւ
արձանագրեցին,
խառնը
մայիս
31-ին,
քաղաքականը
ապրիլ
26-ին,
եւ
կրօնականը
յունիս
13-ին,
եւ
երբոր
պատասխանատուութիւնը
պատրիարքին
թողլով
գործէ
ձեռնթափ
եղան:
Պատրիարքն
ալ
չէր
կրնար
լոկ
անհատական
պատասխանատուութեամբ
գործի
գլուխ
մնալ,
ուստի
յունիս
16-ին
իրաց
վիճակը
պատկերացնելով
գլխաւորապէս
հաղորդեց
նախարարութեան,
թէ
իրեն
ալ
անհնար
է
պաշտօնը
շարունակել
եթէ
դարման
մը
չկարգադրուէր,
եւ
այն
ալ
նոր
ընտրութեամբ
ժողով
կազմելն
էր,
զի
այլեւս
ոչ
վարչութիւն
կար
գործելու,
եւ
ոչ
վերաքննութեան
յանձնառու
ժողովը
կար
կառավարութեան
պնդած
պայմանը
լրացնելու:
Միանգամայն
նոյն
տեսութիւնները
բերանացի
բացատրեց
մեծ
եպարքոս
Ֆէրիտ
փաշայի
եւ
գլխաւոր
նախարարներուն:
Կառավարութիւնը
ստիպուեցաւ
գործը
լուրջ
նկատողութեան
առնել,
զի
պատրիարքին
առաջարկը
թէ'
վճռական
էր
եւ
թէ'
տրամաբանական:
Պատրիարքը
ժողովական
կացութեան
հարցին
հետ
զուգակցած
էր
սկիզբէն
ի
վեր
դժուարութեանց
առիթ
տուող
խնդիրները,
ինչպէս
էին
երթեւեկի
արգելքները,
վարժարաններու
հսկողութիւնը,
կալուածներու
գրաւումները,
հալածանքի
ձեռնարկները,
պաշտօնէից
զեղծումները,
եւ
Հայուն
անհատական
իրաւունքէ
զրկուած
կացութիւնը:
Յունիս
18-ին
կայսերական
թիկնապահով
պալատ
առաջնորդուեցաւ,
գործէ
չքաշուելու
ազդու
յորդորներ
եղան,
գանգատի
նիւթ
եղող
դժուարութիւնները
բառնալու
խոստումներ
տրուեցան,
ժողովներուն
պակասը
լրացնելու
համար
իր
կողմէ
անձեր
հաստատուելու
առաջարկ
ալ
եղաւ:
Օրմանեան
խօսուած
կէտերուն
թերահաւատութեամբ
պատասխանեց
մինչեւ
որ
արդիւնքը
տեսնէր.
իսկ
ժողովական
առաջարկելու
կէտին
ապօրինութիւնը
եւ
իր
անձեռնհասութիւնը
դիմադրեց:
Քսան
օրի
չափ
տեւեցին
այդ
հիման
վրայ
բանակցութիւնները,
ոչ
միայն
պաշտօնապէս
այլեւ
անպաշտօն
կերպով
արքունիքէ
եւ
նախարարութենէ
թելադրեալ
պաշտօնեաներու
եւ
բարեկամներու
ձեռքով,
մինչեւ
որ
պատրիարքի
դիմադրութիւնը
զիջուցանելէ
յոյսը
կտրելով`
յուլիս
5-ին
նախարարական
յանձնաժողով
մը
կազմուեցաւ,
ներքին
գործոց
նախարար
Մէմտուհ
փաշայի
նախագահութեամբ,
որ
պատրիարքը
կերպով
մը
հաճեցնելու
եղանակ
մտածուի:
Ասոր
վրայ
սկսան
Օրմանեանի
եւ
Մէմտուհի
միջեւ
տեսակցութիւնները,
յանձնաժողովը
մինչեւ
յուլիս
13
խորհրդակցեցաւ,
եւ
վերջապէս
այն
որոշման
յանգեցաւ
թէ
պատրիարքը
իրաւունք
ունի
վարչական
ժողովներու,
թէ
չէ
հնար
զայն
բռնադատել
ինքնին
ժողովական
առաջարկելու,
բայց
եւ
միանգամայն
պէտք
է
զգուշանալ
Հայոց
Սահմանադրութիւնը
գործածութեան
մէջ
ցուցնելէ,
եւ
այդ
պայմանով
մեծեպարքոսն
ալ
համաձայնեցաւ
եւ
արքունեաց
վրայ
ալ
ազդեց.
եւ
անոնք
կերպով
մը
իրականացնելու
պաշտօնը
Մէմտուհի
յանձնուեցաւ
Օրմանեանի
հետ
համաձայնելու
եւ
կերպը
որոշելու:
Այս
որոշման
գլխաւորապէս
առիթ
ընծայեց
պատրիարքի
յայտարարութիւնը
թէ
վերաքննութիւնը
կանխելու
պայմանը
անհնարութեան
մէջ
կը
գտնուէր
յանձնառու
ժողովին
իրապէս
դադարելովը:
Յանձնաժողովը
միւս
խնդիրներն
ալ
նկատի
առնելով
որոշած
էր
ազգային
վարժարանները
պատրիարքարանի
եւ
առաջնորդարաններու
հսկողութեան
ներքեւ
ճանչնալ
դադրեցնելով
անհատական
պատասխանատու
վարիչներու
պայմանը,
եկեղեցիներու
եւ
հաստատութիւններու
բարոյական
անունի
արձանագրուած
եւ
իբրեւ
անտէրունչ
գրաւուած
կալուածները
դարձնել
բացառիկ
պարագաները
զատելով,
երթեւեկի
արգելքը
միայն
անգործներու
վրայ
ամփոփել:
Այս
պայմանները
յուլիս
14-ին
գրի
առնուեցան,
կայսերական
հաւանութեամբ
զօրացան,
եւ
մասնաւոր
պարագաներու
համար
Մէմտուհի
եւ
Օրմանեանի
տեսակցութիւնները
շարունակեցին,
ժողովական
ընտրութեան
սկզբունքը
ընդունուեցաւ,
միայն
հրապարակային
ցուցադրական
ձեւերը
զեղչելով:
Այդ
պայմաններով
Օրմանեան
սկսաւ
ներքին
նախապատրաստութեանց,
օրինաւորապէս
ընտրուած
եւ
ներկայ
61
երեսփոխաններ
գտնուեցան
եւ
նոր
ընտրութեանց
պէտք
չտեսնուեցաւ,
զի
մեռածները
եւ
հրաժարածները
զեղչելով,
եղածներ
օրինական
մեծամասնութիւն
կը
կազմէին.
համագումարի
կազմելիք
կրօնականի
ընտրելեաց
եռապատիկ
ցանկը
փոխանակ
ժողովի`
խորհրդակցութեամբ
կազմուեցաւ,
զի
կառավարութեան
առջեւ
ամբաստանեալ
կամ
կասկածելի
անունները
զեղչելով`
հազիւ
թէ
42
ընտրելիներ
կը
մնային.
յարմար
դատուեցաւ
ելլողներու
անվերընտրելիութեան
պայմանը
այս
անգամուան
համար
դադրեցնել,
քանի
մը
երկամեակներ
անցած
եւ
վերջինները
բացառիկ
կամ
առժամեայ
պաշտօնավարութիւն
նկատուելուն
համար,
գրաւոր
քուէ
յղելու
պայմանը
արդէն
ընդունուած
ձեւ
էր,
քուէները
չցրուելու
հոգացողութիւնն
ալ
զանց
չեղաւ,
եւ
վերջապէս
համախմբութիւնն
ալ
դիտողութենէ
զերծ
պահելու
համար`
ժողովի
օր
որոշուեցաւ
յուլիս
25
երեքշաբթի,
Երկոտասան
Մարգարէից
տօնը,
եւ
պատրիարքի
անունին
շնորհաւորութիւնը
պատրուակ
առնելով,
եւ
ըստ
այսմ
հրաւիրագիրներ
ցրուեցան:
Այսչափ
զգուշաւորութեամբ
մէկտեղ
ալ
ոստիկանութիւնը
նոյն
օր
հարցուփորձի
եկած
էր
թէ
ի՞նչ
կը
նշանակէր
եկողներու
շատութիւնը,
եւ
պատրիարքի
անունին
շնորհաւորութեան
բացատրութեամբ
մեկնած
էր:
Որոշուած
օրը
ժողովը
բացուեցաւ
պատրիարքարանի
ժողովական
սրահը,
առժամեայ
դիւանով
եւ
Տիգրան
Բարաղամեանին
ատենապետութեամբ
եւ
պատրիարքին
բացատրութիւններով
խնդիրներու
եւ
պայմաններու
վրայօք,
եւ
գործածուած
ձեւերու
վրայ,
յատուկ
որոշման
ենթարկուեցաւ
ժողովականութենէ
ելլողներուն
վերընտրելիութիւնը,
կացութեան
վրայ
ալ
տեղեկութիւններ
հաղորդուեցան,
եւ
այս
ձեւերը
լրացնելէն
ետքը
քուէարկութիւն
եւ
քուէհամար
կատարուեցաւ,
եւ
առաջին
քուէարկութեամբ
երկու
ժողովներն
ալ
ընտրուեցան,
միայն
կրօնականին
վերջինը
համեմատականի
մնաց
Գէորգ
Երէցեան
եպիսկոպոսի
եւ
Կարապետ
Սանտալճեան
քահանայի
վրայ,
եւ
երկրորդ
քուէարկութեամբ
Սանտալճեան
առնուեցաւ:
Ժողովին
արդիւնքը
նոյն
օր
պաշտօնապէս
հաստատութեան
առաջարկուեցաւ,
քաղաքականի
ընտրեալներ
դիտողութեան
չհանդիպեցան,
սակայն
կրօնականէն
հինգ
հոգի
իբր
կասկածելի
չէին
հաստատուած,
Յովհաննէսեան
Գրիգորիս
եւ
Մանկունի
Վահրամ
եպիսկոպոսներ,
Դուրեան
Ղեւոնդ
եւ
Պալագեան
Գրիգորիս
վարդապետներ
իբր
անհատապէս
վստահութենէ
զուրկ,
իսկ
Տէր-Սարգիսեան
Սահակ
քահանայ
երիտասարդ
Իզմիրլեանի
ուսուցիչ
եղած
ըլլալուն
պատճառով:
Պատրիարքը
հաստատութեան
պահանջը
կրկնեց
օգոստոս
24-ին,
եւ
հաստատուածներն
ալ
չգումարեց
մինչեւ
որ
այդ
հինգերն
ալ
հաստատութիւն
ստացան,
եւ
սեպտեմբեր
20-ին
առաջին
անգամ
ժողովները
բացուեցան
եւ
ատենապետութիւններ
կազմուեցան,
կրօնականը
Մեսրոպ
Սուքիասեան
եւ
Վահրամ
Մանկունի
եպիսկոպոսներով,
եւ
քաղաքականը
Գաբրիէլ
Նորատունկեան
եւ
Տիրան
Աշնան
պետական
բարձր
պաշտօնեաներով
(06.
ԲԻԶ.
3055):
Այսպէս
վերանորոգուեցաւ
վարչութիւնը,
որուն
մէջ
դադարողներէն
կային
հինգ
կրօնականներ
եւ
երեք
քաղաքականներ
(06.
ԲԻԶ.
3049),
եւ
մնացած
20
ժողովականներ
նորեր
էին:
Սահմանադրական
պահանջները
պահուեցան
իրենց
էական
մասերուն
մէջ
եւ
բացառութիւնները
անկարեւոր
կէտերու
վրայ
եղան.
արդէն
ամէն
օրէնք
ալ
կը
ներէ
էականները
փրկելու
համար
աննշանակները
զոհել:
Պատրիարքը
բաւական
աշխատեցաւ
եւ
գնահատուեցաւ
սահմանադրութիւնը
պահպանած
ըլլալուն,
եւ
ինքնին
ընտրեալներ
չցուցնելուն
եւ
դժուարութեան
հանդիպողներն
ալ
հաստատել
տուած
ըլլալուն
համար,
ոչ
միայն
արդիւնքը
գոհունակութեամբ
ողջունուեցաւ,
այլեւ
անկեղծ
խնդակցութեանց
նիւթ
եղաւ
(07.
ԱՐՐ.
42):
Այդ
նոր
ժողովներն
եղան
որ
Երուսաղէմի
խնդիրին
մասին
վերջնական
որոշումները
տուին
(§
3063):
Ժողովի
խնդիրին
հետ
առաջարկուած
միւս
խնդիրներուն
լուծման
համար
եղած
կամ
խոստացուած
կարգադրութիւններուն
մասին
պատրիարքը
միայն
պայմանական
հաւանութիւն
յայտնեց,
իրեն
գրուածներուն
իրական
գործադրութեան
սպասելով
(
ՕՄԱ.
78-80):
3077.
ԿՈՍՏԱՆԴՆՈՒՊՈԼԻՍ
ԵՒ
ԿԻԼԻԿԻԱ
Գլխաւոր
խնդիրներուն
վրայ
կեդրոնացնելով
մեր
մտադրութիւնը,
կ՚անցնինք
բացատրել
Կիլիկիոյ
եւ
Կ.
Պոլսոյ
աթոռներուն,
եւ
յատկապէս
Խապայեանի
եւ
Օրմանեանի
միջեւ
տեղի
ունեցած
իրաւական
եւ
իրաւասական
խնդիրները:
Թէ'
Օրմանեան
եւ
թէ'
կեդրոնական
վարչութիւնը
Խապայեանի
Կիլիկիոյ
կաթողիկոսական
ընտրութիւնը
քաջալերած
ատեննին,
այն
համոզումն
ունէին,
որ
պիտի
վերջ
գտնային
Քէֆսիզեանի
յարուցած
անտեղի
խնդիրները,
ինչպէս
ինքն
Խապայեան
ալ
կը
գրէր,
թէ
պիտի
աշխատուի
կրկին
աթոռոց
յարաբերութիւնները
քաղցրացնել
եւ
սուրբ
միութիւնը
պահպանել,
եւ
ազգի
կրկին
հատուածոց,
Էջմիածնականաց
եւ
Կիլիկեցւոց
մէջ
եղբայրական
սէր
հաստատել
(
ԿԻԼ.
43):
Իրօք
ալ
մինչեւ
Խապայեանի
Կ.
Պոլիս
այցելելը
երբեք
անոր
կողմէն
խնդիր
չյուզուեցաւ.
եւ
այնպէս
ըմբռնուեցաւ
թէ
վարչական
որոշմամբ
ժամանակին
Քէֆսիզեանի
հաղորդուած
պայմանագիրը
(§
2858)
ընդունելի
եւ
գործադրելի
նկատուած
է
Խապայեանի
կողմէ:
Կ.
Պոլիս
գալուն
առթիւ
ալ
սկիզբէն
այդ
խնդիրը
չյուզուեցաւ,
զի
բոլոր
մտադրութիւնը
Մաքսուտեանի
խնդիրին
շուրջը
կը
դառնար,
եւ
կեդրոնը
ուրիշ
խնդիրներով
վատ
տրամադրութեանց
ենթարկուելէ
կը
զգուշացուէր
(§
3055):
Իսկ
երբ
այլեւս
այս
մասին
յաջողութեան
յոյսերը
նուազեցան,
Սսոյ
եւ
Կ.
Պոլսոյ
աթոռոց
յարաբերութեանց
խնդիրը
սկսաւ
խօսուիլ,
վարչութիւնը
դարձեալ
Քէֆսիզեանի
ժամանակ
կազմուած
պայմանագիրը
հաղորդեց,
եւ
նոր
խորհրդակցութեանց
համար
Խապայեանը
ժողովոյ
նիստին
հրաւիրեց.
բայց
նա
ժողովին
չեկաւ
(04.
ԱՐԼ.
5712),
եւ
քիչ
օր
ետքն
ալ
մեկնեցաւ,
եւ
Սիսէն
սկսաւ
Կ.
Պոլսոյ
հետ
յարաբերութեանց
խնդիրներ
յուզել:
Յայտնի
էր
Կ.
Պոլիս
գալուն
բուն
նպատակին
մէջ
չյաջողելուն
ցաւէն
զգացուած
ըլլալը,
որով
ուրիշի
վրայ
քննադատած
եւ
իրեն
կանուխէն
չհետեւած
խնդիրները
նորոգել
կը
ձեռնարկէր,
եւ
իբրեւ
վէճի
եւ
մրցման
գետին
կ՚ընտրէր
եպիսկոպոսական
ձեռնադրութեանց
համար
կեդրոնի
հաւանութեան
պահանջը,
եւ
դեկտեմբեր
10-ին
նամակով
մինչեւ
իսկ
Խրիմեան
կաթողիկոսին
կը
դիմէր
իրաւունք
ստանալու
համար
(
ԿԻԼ.
29-31),
զի
գաղտնիք
մը
չէր
Խրիմեանի
Կիլիկիոյ
հանդէպ
տածած
համակրութիւնը:
Խնդիրը
լուսաբանելու
համար
Օրմանեան
ընդարձակ
նամակ
մը
գրեց,
իրեն
իբրեւ
հիմնակէտ
առնելով
այն
սկզբունքը,
թէ
հայութիւնը
մէկ
եկեղեցի
է,
եւ
մէկ
կեդրոն
ու
գլուխ
կրնայ
ունենալ
որ
է
Էջմիածինը,
եւ
տաճկահայութիւնը
մէկ
ազգ
է,
եւ
մէկ
կեդրոն
ու
գլուխ
կրնայ
ունենալ
որ
է
Կ.
Պոլիսը.
որով
Սիսը
երկու
տեսակէտով
ալ
պէտք
էր
երկրորդական
նկատուէր
եւ
առաջնութեան
ձգտումներ
չունենար,
որպէսզի
եկեղեցւոյն
եւ
ազգին
բաժանման
առիթ
տուած
չըլլար:
Գալով
եպիսկոպոսական
ձեռնադրութեանց
համար
կեդրոնի
հաւանութիւն
պահանջուելուն,
կը
յիշեցնէր
թէ
Էջմիածնի
Մայրաթոռն
ալ
առանց
Կ.
Պոլսոյ
ընծայագիրին
Տաճկահայոց
եպիսկոպոս
չի
ձեռնադրեր.
իսկ
ձեռնադրուածներուն
իրենց
աթոռին
մէջ
ծառայելուն
պայմանը
նորութիւն
չէր,
այլ
Էջմիածնի
Փիլիպպոս
եւ
Կիլիկիոյ
Ներսէս
կաթողիկոսներուն
միջեւ
Երուսաղէմի
1652-ի
ժողովով
հաստատուած
կանոն
էր
(§
1691):
Գալով
Օրմանեանի
Կիլիկիոյ
աթոռին
հանդէպ
տածած
զգացմանց,
կասկածելն
իսկ
միտքէ
անցնելու
կէտ
մը
չէր,
եւ
Խապայեան
ինքն
տեղեակ
էր
որ
երբ
Խրիմեան
Ռուսահայոց
կալուածներուն
գրաւման
եւ
պօլօժէնիէի
փոփոխութեանց
տագնապներուն
մէջ,
մինչեւ
իսկ
Էջմիածնի
աթոռին
խափանուելուն
երկիւղը
կը
կրէր,
Հայ
եկեղեցւոյ
ապագայ
վտանգը
տեսնելով`
Օրմանեանի
դիմած
էր,
թէ
ի՞նչ
նախազգուշական
միջոց
հնար
էր
գործածել.
Օրմանեան
գրաւոր
եւ
պատճառաբանեալ
խորհուրդ
տուած
էր
այժմէն
Կիլիկիոյ
աթոռն
ու
աթոռակալը
իբրեւ
Մայրաթոռոյ
աթոռակից
հռչակել,
որպէսզի
Մայրաթոռին
եւ
աթոռակալին
որեւէ
վտանգի
ենթարկուելուն
առթիւ,
Կիլիկիոյ
աթոռն
ու
աթոռակալը
նովին
իսկ
Հայ
եկեղեցւոյ
գլուխ
դառնայ
եւ
եկեղեցին
անգլուխ
մնալու
վտանգէն
ու
վնասէն
ազատ
մնայ,
գուցէ
ռուսական
կառավարութիւնն
ալ
այդ
նախատեսելով
վտանգաւոր
որոշումնէն
զգուշանայ:
Յայտնի
էր
միանգամայն
թէ
Օրմանեան
բոլորով
սիրտով
ու
միտքով
աշխատած
էր
Կիլիկիոյ
աթոռը
երկարատեւ
պարապութենէն
ազատելու,
զայն
իբրեւ
Հայ
եկեղեցւոյ
կարեւոր
տարր
մը
նկատելով.
մինչեւ
ոչ
իսկ
միտքէն
անցուցած
էր
Աղթամարայ
աթոռը
վերակենդանացնել,
զի
Հայ
եկեղեցւոյ
տեսակէտով
կարեւորութիւն
ունեցող
տարր
մը
չէր:
Խապայեան
պէտք
չէր
նաեւ
դիտողութենէ
վրիպեցնէր,
որ
Կիլիկիոյ
վիճակներ
ու
քաղաքներ
1896-է
1903
վարժուած
ըլլալով
իրենց
ամէն
գործերուն
համար
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքարանին
դիմել,
Խապայեանի
օծուելէն
ետքն
ալ
նոյնպէս
դիմումներ
ըրած
ատեննին,
Օրմանեան
անոնց
յանձնարարած
էր
թէ
պարտաւոր
էր
ուղղակի
իրենց
կաթողիկոսին
դիմել:
Այդ
յիշատակութիւնները
պէտք
էր
բաւական
ըլլային
Օրմանեանի
մասին
չկասկածելու.
սակայն
Խապայեանի
միտքին
տեսութիւնը
անգամ
մը
պղտորած
էր
Մաքսուտեանի
անձին
օգտակար
եղած
չըլլալուն
վրայ,
եւ
Մաքսուտեանի
Կ.
Պոլիս
բերուելուն
եւ
հաշուեքննութեան
ենթարկուելուն
լուրերն
ալ
զինքն
առաւելօք
յուզած
էին,
եւ
այդ
պարագաներուն
պատասխանատուութիւնը
ամբողջաբար
Օրմանեանի
վրայ
կը
ծանրացնէր,
եւ
զինքն
Պոլիսէն
շուտ
հեռացնելու
թաքուն
նպատակ
ալ
կը
տեսնէր,
երկար
ատեն
Կ.
Պոլիս
մնալ
չկրնալուն
մէջ
(
ԿԻԼ.
43):
3078.
ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ
ԽՆԴԻՐԸ
Խապայեան
անգամ
մը
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքարանի
հանդէպ
աննպաստ
զգացումներով
գրաւուած,
Կիլիկիոյ
գահակալին
կաթողիկոս
անունը
եւ
եպիսկոպոս
ձեռնադրելու
եւ
միւռոն
օրհնելու
արտօնութիւնը
փաստ
գործածելով,
մինչեւ
իսկ
Կիլիկիոյ
հայութիւնը
ազգութեան
յատուկ
եւ
անջատ
հատուած
նկատուելու
կը
հասնէր,
եւ
օգտուելով
Մակար
եւ
Մկրտիչ
կաթողիկոսներուն
կողմէն
Գէորգի
հակակիլիկեան
մարմաջին
ու
կարգադրութեանց
ջնջուիլը
ու
խափանուիլը,
զորս
մենք
ալ
մեղադրելով
յիշած
ենք
իրենց
կարգին,
եւ
ինքզինքը
համերաշխութեան
առաքեալ
կարծեցնելու
փափաքով,
դարձեալ
եւ
դարձեալ
եպիսկոպոսացուաց
համար
կեդրոնի
հաստատութեան
պահանջին
դէմ
կը
մաքառէր,
եւ
զայն
իբրեւ
մեծ
անիրաւութիւն
նկատել
տալ
կ՚ուզէր,
որուն
Մայրաթոռոյ
գահակալներն
իսկ
համակերպած
էին:
Այդ
դիտմամբ
1906
մարտ
21-ին
ընդարձակ
գրութիւն
մը
կ՚ուղղէր
պատրիարքին,
եւ
սովորական
խնդիրին
կը
խառնէր
նաեւ
Կիլիկիոյ
եպիսկոպոսներուն
Էջմիածնական
վիճակաց
մէջ
ազատօրէն
պաշտօնավարելու
եւ
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարք
ընտրուիլ
կարենալու
կէտերը
(
ԿԻԼ.
33-36),
հակառակ
նոյն
իսկ
ազգային
սահմանադրութեան:
Խառն
ժողովը
այս
գիրը
նկատողութեան
առնելով
իր
նախագահին
կը
յանձնէր,
նախապէս
նոյն
ինքն
Խապայեանի,
նաեւ
Մայրաթոռոյ
կաթողիկոսին
հետ
բանակցիլ
եւ
արդիւնքը
ժողովին
բերել,
եւ
ըստ
այսմ
իրեն
Խապայեանի
ալ
գրուած
էր
(
ԿԻԼ.
44),
եւ
լրագիրի
մէջ
ալ
հրատարակուած
էր
(06.
ԱՐԼ.
6494):
Բայց
ինքն,
չենք
գիտեր
որ
լրագիրի
մէջ
կարդալով,
թէ
ժողովը
ստիպողական
չէ
համարեր
իւր
գիրը,
եւ
յետաձգեր
է
նկատողութեան
առնել
առիթը
ներկայացած
ատեն,
իբր
հակառակ
ցոյց,
հոկտեմբեր
25-ին
եպիսկոպոս
կը
ձեռնադրէ
Դպրեվանքի
աշակերտութենէն
Սերոբեան
Մուշեղ
վարդապետը
որ
Ատանայի
առաջնորդ
կը
գտնուէր,
իսկ
կեդրոնական
վարչութիւնը
հարկ
կը
տեսնէ
յայտարարել
թէ
ժողովն
որոշած
է
որ
Կիլիկիոյ
մէջ
ձեռնադրուած
եպիսկոպոսները
կրնան
պաշտօնավարել
Կիլիկիոյ
թեմերուն
մէջ
միայն
(06.
ԲԻԶ.
3091):
Իսկ
Խապայեան
իր
այդ
մեծ
գործողութիւնը
յաղթանակաւ
կը
պանծացնէ
Խրիմեանի
առաջ
նոյեմբեր
19-ի
նամակով
(
ԿԻԼ.
37-39):
Խապայեան
կարծած
է
թէ
վարչութեան
այդ
յայտարարութիւնը
Կիլիկիոյ
աթոռին
դէմ
հակառակութենէ
առաջ
եկած
ըլլայ.
մինչ
կ՚անգիտանայ
կամ
անգիտանալ
կը
ձեւացնէ
թէ
նոյն
միջոցին
Օրմանեան
ու
կեդրոն
ետեւէ
էին
եպիսկոպոսացուներ
յղել
Էջմիածին
Խրիմեանէ
ձեռնադրուելու,
որուն
կառավարութիւնը
սաստիկ
կը
հակառակէր,
եւ
հարկաւ
մէկէ
մը
դրդուած
Սիսը
կը
ցուցնէր
իբրեւ
ձեռնադրութիւն
ստանալու
տեղ,
որուն
Օրմանեան
իրենց
եկեղեցական
կանոնին
հակառակ
ըլլալը
կը
պնդէր:
Նոյն
օրեր
Խապայեանի
ձեռնադրութիւն
կատարելը,
կառավարութիւնը
արդարացնելու
եւ
վարչութիւն
ստելու
նշանակութիւնն
ունէր,
եւ
յայտարարութիւնը
ստիպողական
կը
դառնար,
ինչ
որ
միւս
կողմէն
կրկնումն
էր
Երուսաղէմի
ժողովին
որոշման,
որոնք
հրատարակութեան
ալ
կը
տրուէին
(07.
ԱՐԼ.
6406):
Գալով
ձեռնադրութեան
ազդակին,
ժողովուրդին
թախանձանքէն
աւելի
զօրաւոր
էր
Սերոբեանի
ժտանքը,
որ
Խապայեանը
հաճեցնելու
համար
մինչեւ
իսկ
իր
համոզման
հակառակ
Մաքսուտեանի
պաշտպանութեան
համար
նամակ
մը
կ՚ուղղէր
Օրմանեանի,
պատճէնը
Խապայեանի
եւ
Երէցեանի
հաղորդելով,
իսկ
իր
նպատակին
հասնելէն
հազիւ
8-10
օր
ետքը,
նոր
նամակ
մը
կը
գրէր
Օրմանեանի,
այս
անգամ
իբր
իր
ուսուցչի
եւ
հոգեւոր
ծնողի,
որպէսզի
զինքը
Մայրաթոռոյ
եպիսկոպոսաց
շարքին
անցունելու
միջնորդէ:
Խապայեան
ուրիշէ
առաջնորդուելու
վարժ,
անգիտացած
էր
անշուշտ
այդ
դարձուածները
եւ
Սերոբեանի
գործածած
միջոցները,
եւ
ակներեւ
էր
Մաքսուտեանի
պաշտպանութեան
մէջ
ձախողելէն
շարժուած
ըլլալը:
Միւս
կողմէն
անգամ
մը
ձեռք
առած
խնդիրին
վրայ
պնդելով
աւելի
ընդարձակ
նամակ
մը
կ՚ուղղէ
կեդրոնին
1907
փետրուար
26-ին,
միշտ
միեւնոյն
թելը
հնչեցնելով,
եւ
ազատ
եպիսկոպոսական
ձեռնադրութիւն,
եւ
իր
եպիսկոպոսներուն
համար
Էջմիածնի
վիճակաց
մէջ
համարձակ
պաշտօնավարութիւն
եւ
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքութիւն
պահանջելով,
եւ
իր
կատարած
ձեռնադրութիւնը
արդարացնելու
համար,
չենք
գիտեր
ո'ր
լրագիրի
մէջ
կարդացած
մէկ
տողը
յառաջ
բերելով,
առանց
պաշտօնագիրի
սպասելու
կամ
պաշտօնագիրի
միտ
դնելու:
Սերոբեանի
ուխտագիրին
պատճէնն
ալ
կը
հաղորդէր,
զոր
Խրիմեանի
ալ
ղրկած
էր,
ջանալով
իբրեւ
մեծ
զիջողութիւն
ցուցնել,
Կիլիկիոյ
աթոռը
Ամենայն
Հայոց
կաթողիկոս,
եւ
յաջորդ
Լուսաւորչաց
Հայաստանեայց
Սուրբ
Եկեղեցւոյ
կոչելէն
ետքը,
Մայրաթոռոյ
կաթողիկոսը
իր
անունին
յետադասելը,
որպէս
եւ
հայրապետին
Արարատեան
Մայրաթոռոյ,
անցողակի
յիշատակութեամբ
մը
(
ԿԻԼ.
42,
44),
չես
գիտեր
աւելի
Մայրաթոռը
ստորնացնելո՞ւ
թէ
բարձրացնելու
համար:
3079.
ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԵԱՆ
ՊԱՅՄԱՆՆԵՐ
Խապայեան
միշտ
համերաշխութեան
արմատը
Կիլիկիոյ
աթոռին
բարձրութեանը
մէջ
դնելով,
եւ
եկեղեցականապէս
Մայրաթոռէն
եւ
ազգայնապէս
կեդրոնէն
անկախ
եւ
համահաւասար
դիրք
մը
կազմել
ուզելով,
իր
վերջին
1907
փետրուար
26-ի
նամակով
ութը
յօդուածներ
կ՚առաջարկէր
իբրեւ
հիմն
համերաշխութեանց
եւ
յարաբերութեանց:
1.
Մայրաթոռոյ
կաթողիկոսը
պիտի
յիշուի
Կիլիկիոյ
կաթողիկոսէն
եւ
վիճակներէն,
բայց
փոխադարձ
պէտք
է
որ
Կիլիկիոյ
կաթողիկոսն
ալ
յիշուի
Էջմիածինէն
եւ
իրեն
վիճակայիններէն:
2.
Կիլիկիոյ
կաթողիկոսը
ի
կրօնականս
անկախ
է
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքարանէն,
իսկ
Էջմիածնի
կաթողիկոսին
հետ
խորհրդակցութիւն
կամ
կարծեաց
փոխանակութիւն
կը
կատարէ:
3.
Կիլիկիոյ
եպիսկոպոսները
կեդրոնի
ընծայագիրով
պիտի
ձեռնադրուին
եթէ
ազատ
ըլլան
Էջմիածնի
վիճակաց
մէջ
պաշտօնավարել
եւ
բարձրագոյն
պաշտօններու
համար
ընտրելի
ըլլալ:
4.
Կիլիկիոյ
կաթողիկոսին
ամենապատիւ
ածականը
քիչ
է,
աւելի
բարձր
անուն
որոշելու
է.
ուրիշ
անգամ
ինքն
Շնորհազարդ
առաջարկած
էր:
5.
Կիլիկիոյ
կաթողիկոսը
օսմանեան
կեդրոնական
իշխանութեան
հետ
յարաբերութիւնները
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքի
միջնորդութեամբ
կը
կատարէ,
բացի
ստիպողական
պարագաներէ:
6.
Կիլիկիոյ
առաջնորդաց
հաստատութիւնը
կաթողիկոսին
կը
պատկանի
եւ
ոչ
պատրիարքարանին:
7.
Առաջնորդաց
հրովարտակները
պատրիարքարանը
կը
ստանայ,
բայց
կաթողիկոսը
կը
յանձնէ:
8.
Մուքաթայի
տուրքը
կաթողիկոսը
կը
գանձէ
եւ
միայն
կէսը
պատրիարքարանին
կը
յղէ,
ի
վերջոյ
կը
յաւելու
թէ
նպաստից
եւ
նիւթական
պայմաններու
չուզեր
խառնուիլ
(
ԿԻԼ.
45-46):
Այդ
առաջարկներու
մէջ
կարեւորութենէ
զուրկ
կէտերու
հետ,
ինչպէս
է
կաթողիկոսին
տրուելիք
ածականը,
այնպիսի
կէտեր
ալ
կան,
զորս
հնար
չէր
կեդրոնի
որոշմամբ
ընդունիլ
եւ
վերջացնել.
ուստի
խառն
ժողովը
դարձեալ
նախագահին
յանձնեց
բանակցութեան
մտնել,
բացատրութիւններ
տալ
եւ
առնել,
ի
հարկին
Մայրաթոռոյ
ալ
կարծիքն
ու
կամքը
իմանալ
եւ
եզրակացութիւնը
նորէն
ժողովին
բերել
(07.
ԱՐԼ.
6439):
Կիլիկիոյ
կաթողիկոսին
յիշատակութիւնը
իբրեւ
պատուոյ
կէտ
մը
կը
նկատէ
Խապայեան,
մինչ
իսկապէս
իրաւասութեան
նշանակ
է,
եւ
Կիլիկիոյ
կաթողիկոսութիւնը
իրաւասութիւն
չի
վայելեր
Էջմիածնայ
սահմաններուն
վրայ,
մինչ
Մայրաթոռոյ
իրաւասութիւնը
Կիլիկիոյ
վրայ
ալ
կը
տարածուի:
Եթէ
Երուսաղէմի
պատրիարքին
յիշատակութիւնը
իբր
օրինակ
կը
յիշուի,
պէտք
է
գիտնալ
թէ
այն
պատմական
պարագայ
մըն
է,
Կ.
Պոլսոյ
եւ
Երուսաղէմի
պատրիարքութեանց
ժամանակ
մը
միացած
ըլլալէն,
եւ
Յովհաննէս
Կոլոտի
կողմէ
Գրիգոր
Շղթայակիրի
ընծայուած
պատիւէն
առաջ
եկած:
Կրօնական
խնդիրներու
մէջ
Կիլիկիոյ
կաթողիկոսին
միայն
խորհրդակցութեան
կամ
կարծեաց
փոխանակութեան
համար
Մայրաթոռ
դիմելը,
Մայրաթոռոյ
իսկութիւնը
ուրանալ
է:
Կիլիկիոյ
եպիսկոպոսներուն
Կ.
Պոլսոյ
վիճակներուն
մէջ
պաշտօնավարած
ըլլալուն
օրինակներ
պակաս
չեն,
իսկ
բարձրագոյն
պաշտօններու,
իմա'
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքութեան
թեկնածու
ըլլալը,
ազգային
սահմանադրութեան
հակառակ
է,
եւ
փոխելը
Խապայեանի
կամքով
չէր
կրնար
ըլլալ:
Խապայեանի
ձեռքն
եղող
հրովարտակն
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքութեան
ներքեւ
Կիլիկիոյ
կաթողիկոսութիւն
կը
ճանչնայ,
եւ
կառավարութեան
օրէնքին
հակառակ
կ՚ըլլար
Կիլիկիան
ուղղակի
նախարարութեանց
հետ
յարաբերութեան
դնելը.
զի
ստիպողական
պարագաներու
բացառութիւնը
կրնար
կամայական
մեկնութեանց
եւ
ընդարձակմանց
առիթ
տալ:
Առաջնորդներու
հաստատութիւնը
կեդրոնէն
հանելով
Կիլիկիոյ
կաթողիկոսին
փոխանցելը,
կեդրոնին
ընդհանուր
տաճկահայութեան
վրայ
իրաւասութիւնն
ուրանալ
կ՚ըլլար:
Ասոնց
հետ
մէկտեղ
սահմանադրութիւնը
ազգային
վարչութեան
համար
ժողովներ
կը
պահանջէ,
մինչ
Կիլիկիոյ
կաթողիկոսութիւնը
ազգային
ժողովներ
չունէր,
եւ
Խապայեանն
ալ
կաթողիկոսին
անհատական
իշխանութիւնը
պաշտպանելով
սահմանադրական
գրութիւնը
եղծած
կ՚ըլլար:
Այս
տեսութիւններ
պարզուեցան
Օրմանեանի
կողմէն
եւ
բանակցութիւններ
շարունակեցին.
սակայն
դեռ
եզրակացութեան
չյանգած
օսմանեան
կառավարութեան
ձեւը
փոխուեցաւ,
պատրիարքարանը
ուրիշ
ձեռքերու
անցաւ,
եւ
Խապայեանի
համերաշխական
առաջարկները
մէկ
կողմ
թողուեցան:
Կարծես
թէ
ինքն
Խապայեան
ալ
ազգային
վարչական
տեսակէտը
անտես
ընել
կը
ջանար,
երբոր
ամենայն
ինչ
կրօնական
տեսակէտի
կ՚ուզէր
վերածել,
եւ
լոկ
ազգային
սովորութենէ
առաջ
եկած
եպիսկոպոս
ձեռնադրելու
եւ
միւռոն
օրհնելու
արտօնութեանց
կառչելով,
շարունակ
Խրիմեանի
կը
դիմէր,
անոր
օգնութեամբ
եւ
հեղինակութեամբ
Կ.
Պոլսոյ
ազգային
վարչութիւնը
ճնշելու:
Խրիմեան
որչափ
ալ
Գէորգի
տեսութիւններէն
հեռու
եւ
Կիլիկիոյ
հետ
իր
գործունէութեան
սկիզբէն
սրտագին
կապուած
(§
2775),
սակայն
չէր
կրնար
եկեղեցական
կանոններէն
եւ
ազգային
պահանջներէն
հեռանալ,
մանաւանդ
որ
Խապայեան
չէր
քաշուած
նոյն
իսկ
Մայրաթոռը
վիրաւորող
կէտեր
առջեւ
դնել,
ինչպէս
էին
Մայրաթոռոյ
յիշատակութիւնը
յետադասելը
եւ
հեղինակութիւնը
խորհրդակցութեան
վերածելը.
եւ
հարկաւ
այս
էր
պատճառը
որ
Խապայեանի
դիմումները
անպատասխանի
կը
մնային,
եւ
կը
պարտաւորուէր
սինոդին
նախանդամ
Սուրէնեան
Գէորգ
եպիսկոպոսի
դիմել
մարտ
25-ին,
եւ
լռութեան
մասին
գանգատիլ
(
ԿԻԼ.
53):
Խրիմեան
վերջապէս
պատասխան
մը
կը
գրէր
ապրիլ
26-ին,
որով
կը
յորդորէր
չհետեւիլ
սնափառ
եւ
ոչ
էական
խնդրոց,
եւ
վեհանձնութեամբ
նայիլ
յարտաքին
ձեւակերպութիւնսն,
եւ
կը
խրատէր
պայքար
մղել
միայն
ընդդէմ
վնասաբեր
խոչընդոտաց,
աշխատելով
դաստիարակութեան
հայ
մանկտւոյն,
բարձրացուցանել
զբարոյական
անկեալ
վիճակ
ժողովրդական
գաւառաց,
եւ
լուսաւորել
զմիտս
նոցա
համերաշխ
եղբայրութեամբ
կենցաղավարել
(
ԿԻԼ.
51-52):
Հարկաւ
թափանցեց
Խապայեան
հայրապետական
խրատներուն
խորին
իմաստը,
որ
այլեւս
չյուզեց
համերաշխութեան
անունին
ներքեւ
ծածկուած
խնդիրները,
իր
աթոռին
ինքնօրէնութիւնը,
կեդրոնէ
անկախութիւնը,
ածականի
տարբերութիւնը
հետապնդել,
որոնք
եթէ
չհասան
Քէֆսիզեանի
ըմբոստ
եւ
ապերասան
չափազանցութեանց,
սակայն
բոլորովին
չթօթափեցին
Կիլիկեան
վաղեմի
ձգտումները,
որոնց
կը
կարծուէր
թէ
վերջ
պիտի
տրուէին
Խապայեանի
օրով,
եւ
կը
կարծենք
թէ
իրօք
վերջ
տրուած
կ՚ըլլար,
եթէ
կարենար
նա
մերկանալ
եռեակի
յարաբերութեանց
արմատացեալ
կապերէն:
3080.
ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ԳՈՐԾԵՐ
Խապայեանի
կաթողիկոսութեան
սկիզբէն
մինչեւ
օսմանեան
ազատութեան
թուականը,
1903-էն
1908,
հինգ
տարիներ
անցան,
եւ
մենք
իրեն
գործունէութենէն
յառաջ
բերինք
միայն
Կ.
Պոլիս
այցելելը
(§
3055),
եւ
Կիլիկեան
խնդիրը
յուզելը
(§
3077),
եւ
կը
մնայ
համառօտ
ակնարկ
մըն
ալ
նետել
իր
ժամանակի
վիճակային
գործոց
վրայ:
Բայց
անոնց
չմտած
յիշենք
1903
օգոստոս
14-ին,
այսինքն
Խապայեանի
օծումէն
միայն
չորս
ամիս
ետքը
հանդիպած,
Կիլիկիոյ
տեղապահ
Բէքմէզեան
Կիրակոս
եպիսկոպոսի
մահը
(03.
ԲԻԶ.
2103):
Թէպէտ
խորին
ծերութեամբ
տկարացած,
թէպէտ
ոչ
մեծ
մտաւորական
եւ
գործնական
պաշարով
ճոխացած,
սակայն
յիշատակաց
արժանի
անուն
մը
թողուց
նա,
նեղ
ժամանակներու
մէջ
հաւատարմութեամբ
պահպանելով
Կիլիկիոյ
աթոռին
իրաւունքները,
եւ
օրինաւոր
յարաբերութիւն
պահելով
կեդրոնին
հետ,
եւ
իր
փափաքին
լրումը
տեսնելով,
աթոռը
օրինաւոր
աթոռակալի
յանձնելով:
Խապայեանի
գալով,
միաբանական
կեանքի
վարժ
եւ
ներքին
բարեկարգութեանց
գաղափարներով
սնած,
կը
յուսացուէր
որ
նոր
կեանք
եւ
նոր
ոգեւորութիւն
ներշնչէր
Կիլիկիոյ
աթոռին
եւ
մայրավանքին
եւ
վիճակներուն
վրայ:
Բայց
ակնկալութիւնը
արդիւնաւորութեան
չպատասխանեց,
եւ
Կիլիկեան
հայ
կեանքը
զգալի
փոփոխութիւն
չկրեց
իր
պաշտօնավարութեան
առաջին
հնգամեային
մէջ:
Ի
դէպ
էր
որ
այս
ու
այն
կողմ
գտնուող
Սսոյ
միաբանները
շուրջը
հաւաքել,
եւ
իւրաքանչիւրը
իր
ընդունակութեան
համեմատ
գործածելով`
աթոռոյ
միաբանութիւնը
կազմակերպուէր.
մինչ
աւելի
սիրեց
Երուսաղէմէ
արտաքսուածները
կամ
հեռացածները
շուրջը
հաւաքել,
որոնք
ոչ
աթոռին
հետ
կապ
մը
զգացին
եւ
ոչ
բնիկ
միաբանութիւնը
զօրացնելու
ծառայեցին:
Հազիւ
1905-ին,
որ
է
ըսել
պաշտօնի
մտնելէն
երկու
տարի
ետքը,
մատակարարի
ու
շինուածապետի
ու
կալուածապետի
ու
ագարակապետի
անուանումներ
եղած
ըլլալը
լսուեցաւ
(05.
ԲԻԶ.
2531),
բայց
գործերնին
չիմացուեցաւ:
Կանոնաւոր
ժողովներ
չկազմուեցան,
թէպէտ
Կիլիկիոյ
աթոռին
ազգային
իրաւունքներ
եւ
ազգային
գործունէութիւն
պահանջուեցաւ
մինչ
պէտք
էր
նախապէս
այդ
պատրաստութիւնները
լրացնել,
որ
վստահութիւն
ներշնչուէր,
եւ
գործի
եւ
ոչ
երեւոյթի,
արդիւնքի
եւ
ոչ
սեթեւեթի
հետամուտ
ըլլալու
գաղափարը
չզարթուցանէր.
պէտք
էր
կ՚ըսենք
առաջ
նախապատրաստութիւնները
լրացնել
եւ
աթոռին
ազգային
կազմակերպութիւն
մը
տալ
ժողովներով
եւ
խորհուրդներով,
եւ
առիթ
չտրուէր
Կիլիկիոյ
աթոռին
ազգային
կեդրոն
ըլլալու
անընդունակութիւնն
ու
անյարմարութիւնը
դիմադրելու:
Եթէ
դպրանոցի
մը
բարեկարգութեան
ձեռնարկուեցաւ,
եւ
եթէ
քանի
մը
վիճակներու
մէջ
քիչ
ու
շատ
կարգադրութեան
սկզբունքներ
երեւցան
(04.
ԱՐԼ.
5502),
Արմաշու
դպրեվանքէն
տրամադրուած
ոյժերն
էին
որ
գործեցին,
եւ
ոչ
Սսոյ
ծոցէն
ելած
գործիչներ:
Խապայեան
հետեւեցաւ
վիճակները
այցելել,
կացութեան
տեղեկանալու
հետաքրքրութիւնն
ունեցաւ,
բայց
հետեւանքը
անկէց
անդին
չանցաւ:
Մայրավանքին
շէնքին
վրայ
ինչ
ինչ
բարւոքումներ
մտցնել
խորհուեցաւ,
բայց
մասնաւոր
նորոգութիւններ
եղան
կատարուածները:
Ընդհանուր
դաստիարակութիւնը
քաջալերելու
փափաքն
ալ
ցուցուց,
բայց
կեդրոնի
նպաստներէն
աւելի
միջոցներ
չգործածուեցան:
Դիտուելու
գլխաւոր
կէտն
է
որ
չկրցաւ
ոգեւորել
իր
ժողովուրդը,
ինչ
որ
ոմանք
Կիլիկեցւոյն
աննպաստ
կերպով
մեկնեցին
(07.
ԲԻԶ.
3230).
սակայն
որչափ
գիտենք,
կարող
եւ
գործունեայ,
բաղձալից
եւ
տրամադրելի
տարր
մըն
է
Կիլիկեցի
հայաբնակութիւնը,
եւ
եթէ
Կիլիկիոյ
թեմականներն
ոմանց
աչքին,
ըստ
բաւականին
գնահատած
ըլլալ
չեն
թուիր
իրենց
կաթողիկոսին
արժանիքն
ու
աշխատանքը
(07.
ԲԻԶ.
3230),
պատճառը
ոչ
այնչափ
Կիլիկեցւոյն
որչափ
կաթողիկոսին
վրայ
ծանրացնելու
է,
զի
Կիլիկեցւոց
թափանցիկ
տեսութիւնը
հաճութեամբ
չնկատեց
իր
կաթողիկոսին
Կիլիկիայէն
աւելի
Երուսաղէմով
զբաղիլը,
եւ
Երուսաղէմի
օգտակար
ըլլալու
հոգւով
քէֆսիզեանանման
խնդիրներ
յուզելը,
որոնցմէ
ձանձրացած
էր,
կանուխէն
իր
միտքը
յայտնած
էր
Քէֆսիզեանի
դէմ
դժկամակութեամբ,
եւ
ընտրութենէ
առաջ
եւ
ընտրութեան
ատեն
կեդրոնի
կարգադրութեանց
համակերպութեամբ,
եւ
գահակալը
փոխելով
ոճը
փոխուած
չէր
տեսներ:
Քառամեայ
տեղեկագիր
մը
հրատարակուեցաւ
1907
մայիսին,
որով
տեղեկութիւններ
կը
տրուին
կաթողիկոսական
այցելութեանց,
վիճակային
եւ
կրթական
գործերու,
կալուածական
եւ
շինուածական
ձեռնարկներու
վրայ,
սակայն
պաշտօնական
հրատարակութիւն
մը
չէ
հրատարակուածը,
այլ
լրագրական
թղթակիցի
մը,
Միսաք
Գազազեանի
ստորագրութիւնը
կր
կրէ
(07.
ԲԻԶ.
3228),
բարեմարդիկ
ըլլալու
զգացումներէ
ալ
ազատ
չերեւիր
գրուածը:
Շինութեանց
կարգին
մասնաւոր
նորոգութեանց
հետ
քանի
մը
մասնաւոր
շինութիւններ
ալ
կը
յիշուին
բարերարներու
նուէրներով
կատարուած,
սակայն
շատ
աւելին
հնար
էր
քաղել
Կիլիկեցի
ունեւորներէն,
եթէ
բոլորապտուղ
Կիլիկեցւոյն
նուիրուելով
եւ
հին
խնդիրներէ
ձեռք
քաշելով
ոգեւորուած
ըլլար
Կիլիկեցի
հայութիւնը:
Խօսքերնիս
ամփոփելով
պիտի
չըսենք
թէ
բոլորովին
անպտուղ
եղած
ըլլայ
Խապայեանի
պաշտօնավարութեան
առաջին
հնգամեայն,
սակայն
այն
չեղաւ
ինչ
որ
կը
սպասուէր,
եւ
պատճառը
եռեակի
հին
խնդիրն
էր,
որուն
առաջ
հետամուտ
եղաւ
նպաստել,
եւ
երբ
չյաջողեցաւ`
օտարոտի
խնդիրներով
կեդրոնի
հետ
մաքառիլ
սկսաւ,
եւ
փոխանակ
համակրութիւն
շարժելու
ու
շահուելու,
անտարբերութեան
հանդիպեցաւ:
Կ.
Պոլիս
այցելելուն
սկիզբները
Կիլիկիոյ
համար
մայրաքաղաքէ
հանգանակուած
երկու
հազար
ոսկւոյ
գումարը,
եթէ
վերջէն
իրեն
չյանձնուեցաւ,
եթէ
Շահնազարեանի
կտակային
գումարին
մասին
նպաստաւոր
որոշում
չտրուեցաւ,
պարզապէս
Մաքսուտեանի
պաշտպանութենէն
ծագած
ձախող
տպաւորութիւնն
էր
պատճառը:
Այդ
խնդիրին
իր
վրայ
ներգործած
տխուր
ազդեցութեան
նմոյշ
կրնայ
նկատուիլ,
Օրմանեանի
ուղղած
մէկէ
աւելի
նամակները,
որոնցմով
կը
պահանջէր
որ
նա
յայտարարէ
թէ
ինքն
Երուսաղէմի
թանգարանէն
գրչագիր
Աւետարան
մը
վերցուցած
չէ
(
ՊՃՆ.
48),
իբր
թէ
Երուսաղէմի
թանգարանը
Կ.
Պոլիս
գտնուէր
եւ
Օրմանեանի
տրամադրութեան
ներքեւ
ըլլար,
որ
կարենար
ստուգել
թէ
հատորը
տեղն
է
թէ
ոչ:
3081.
ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ
ԳՈՐԾԵՐ
Կիլիկիոյ
աթոռին
գործերէն
կ՚անցնինք
Մայրաթոռոյ
գործերուն,
զորս
թողուցինք
1905
տարւոյ
կէսին,
դպրոցաց
եւ
կալուածոց
խնդիրներուն
նպաստաւոր
լուծման
պատմութեամբ
(§
3033):
Այդ
թուականէն,
այսինքն
1905
օգոստոս
2-էն
մինչեւ
1907
հոկտեմբեր
29,
երկու
տարի
ու
երեք
ամիս
եւս
ապրեցաւ
Խրիմեան
կաթողիկոս,
եւ
բոլորեց
իր
կեանքին
85-87
տարիները:
Թէպէտ
խոր
ծերութեան
հասած,
սակայն
տակաւին
հին
Խրիմեանի
ժիր
հոգին
չհեռացաւ
իրմէ,
իր
ազգասիրական
եւ
ժողովրդական
ձգտումները
իրենց
թռիչները
չկորուսին,
անոր
միտքին
մէջ
եղող
հին
գաղափարներ
վերջին
օրերուն
մէջ
ալ
երեւան
եկան.
բայց
տակաւին
պահ
մը
պարտաւորուեցաւ
մեծ
տագնապին
հետեւանքներով
զբաղիլ,
գրաւեալ
ինչքերը
ետ
առնել,
իւրաքանչիւրին
մնացած
ատեն
խաթարեալ
կալուածները
հաշիւները
ճշդել,
կառավարութեան
ձեռքը
յարդարել,
անհոգութեամբ
վնասուածները
կարգադրել
եւ
շինուածները
նորոգել,
որոնք
նոր
աշխատութեան
եւ
հոգածութեան
դուռ
բացին.
որոնց
թէպէտ
մօտէն
հետեւելու
Խրիմեան
ոչ
յառաջ
յարմարութիւն
եւ
ոչ
վերջերս
զօրութիւն
ունէր,
սակայն
իւրաքանչիւր
գործին
յանձնաժողովներ
եւ
յանձնակատարներ
նշանակելու
փոյթ
տարաւ
(05.
ԱՐՐ.
1072):
Խրիմեանի
ծերութիւնը
ոչ
միայն
կալուածոց
մեծ
տագնապին
վերջանալովը
մխիթարուեցաւ,
այլեւ
ռուսական
պետութեան
մէջ
հռչակուած
ազատական
սկզբունքներուն
հրատարակութեամբը
սփոփուեցաւ:
Հայոց
խնդիրը
կարգադրող
հրովարտակէն
քանի
մը
օր
ետքը,
օգոստոս
6-ին
հրատարակուած
էր
ազատութեանց
խոստմնալից
հրովարտակն
ալ
(§
3033).
սակայն
ռուսական
տարրը
ճաբոնական
պատերազմին
ձախողուածէն
տպաւորուած
եւ
ազատութեան
նոր
խոստումներով
գրգռուած,
չսպասեց
որ
ամենայն
ինչ
հետզհետէ
կայսերական
շնորհէն
բղխէր.
անմիջական
գործադրութեան
փափաքը
զայրացաւ
իր
վրայ,
ժամանակով
անմտադիր
անցնող
խստական
կամ
բռնական
դիպուածներ,
արդարութեան
եւ
իրաւունքի
փորձաքարերուն
շփուիլ
սկսան,
եւ
պահանջներ
ցոյցեր
սկսան
հրապարակ
իջնել:
Մոսկուայի
համալսարանին
ընտրութեամբ
նշանակուած
տեսուչ
Տրուբեցկոյի,
հանրային
կրթութեան
նախարարին
ներկայութեամբ
նիստի
մը
մէջ
ժողովրդեան
եւ
ուսանողութեան
ազատութեան
համար
ճառելիս
տեղի
ունեցած
մահը
կիրքերը
յուզեց,
եւ
Պետրբուրգի
մէջ
120.
000
հոգւոյ
բազմութիւն
մը
դագաղին
շուրջը
պատեց,
եւ
ազատութեան
երգերով
յուղարկաւորութիւն
կազմեց:
Ոստիկանութիւնը
զսպելու
միջոցներու
ձեռնարկեց,
բազմութիւնը
ըմբոստացաւ,
ցոյցը
հանրային
դարձաւ,
ամէն
քաղաքներէ
համերաշխութեան
ձայներ
միացան
(05.
ԱՐՐ.
987),
եւ
վերջապէս
կայսրութիւնը
տեղի
տուաւ,
եւ
Նիկողայոս
կայսր
երկիրը
խաղաղացնելու
միակ
միջոցը
գտաւ
1905
հոկտեմբեր
17-ի
ազատութեան
եւ
սահմանադրութեան
հրովարտակը
հրատարակել
(05.
ԱՐՐ.
977),
եւ
21-ին
ընդհանուր
ներում
շնորհուեցաւ
(05.
ԱՐՐ.
982),
եւ
գրաքննութեան
խիստ
օրէնքն
ալ
դադրեցաւ
(05.
ԱՐՐ.
979):
Խրիմեանի
ծերութիւնը
երիտասարդացաւ,
իր
մանկութենէն
տենչացած
ազատ
մթնոլորտը
շնչել
սկսաւ,
եւ
յարմար
առիթ
սեպեց
հայ
եկեղեցական
շրջանակին
մէջ
ալ
ազատութեան
խնդիրներ
յուզելու
եւ
հրամաններ
արձակելու,
եւ
կանուխ
ձեռք
առածները
աւելի
ուժգնութեամբ
պնդելու:
Ամուսնալուծմանց
արտօնութիւնները
արձակեց,
թէպէտ
կանոնական
ձեւի
մը
չվերածեց,
եւ
օրինական
պայմանները
իմանալ
փափաքողին
կը
պատասխանէր,
թէ
իմ
օրէնք
իմ
սիրտն
է:
Մայրաթոռոյ
միաբանական
ժողովներով
վանական
մատակարարութեան
հսկելու
եւ
վանական
պաշտօնեաներու
ընտրութիւններ
ընելու,
թէպէտ
այդ
մասին
ալ
որոշ
գիծեր
չսահմանուեցան:
Աւելի
ճշդութեամբ
վարուեցաւ
ազգակցութեան
եւ
խնամութեան
ճիւղերով
արգիլուած
ամուսնութիւնները
թուլցնելու
մէջ,
ազգակցութեան
արգելքը
եօթնէն
վեցի
վերածելով,
եւ
խնամութեան
արգելքը
եօթնէն
չորսի
իջեցնելով,
եւ
կնքահայրութեան
կամ
հոգեւոր
ազգակցութեան
արգելքն
ալ
երեքի
մէջ
ամփոփելով
(06.
ԱՐՐ.
639):
Այրի
քահանաներու
վերամուսնութեան
խնդիրն
ալ
ձեռք
առաւ,
ժողովրդականաց
եւ
այրիացեալ
քահանայից
ոմանց
խնդրանքէն
շարժուած.
բայց
այս
կէտը
չուզեց
վճռել
առանց
Կիլիկիոյ
եւ
Երուսաղէմի
եւ
Կ.
Պոլսոյ
մեծ
աթոռներու
խորհրդակցութեան
եւ
Ռուսիոյ
եպիսկոպոսաց
ալ
կարծիքն
ալ
առնելու.
ուստի
1906
սեպտեմբերի
պաշտօնագիրներով
հարցումներ
ուղղեց
(06.
ԱՐՐ.
636),
բայց
երեք
աթոռներն
ալ
ժխտական
պատասխան
տուին:
Յարութիւն
պատրիարք
աթոռին
մէջ
գտնուող
եպիսկոպոսներու
եւ
մեծ
վարդապետներու
խորհրդակցութեամբ
եւ
հոկտեմբեր
12-ի
համառօտ
նամակով
մը
կը
հիմնուէր
եկեղեցւոյ
հնաւանդ
կանոններու
վրայ
(06.
ԱՐՐ.
820):
Սահակ
կաթողիկոս
իր
նոյեմբեր
2-ի
նամակով
յառաջ
գալիք
անտեղութիւնները
կը
բացատրէր
(06.
ԱՐՐ.
809),
իսկ
Մաղաքիա
պատրիարքին
պատասխանը
ընդարձակագոյն
էր,
որ
կրօնական
ժողովոյ
բոլոր
անդամներու
միաձայն
ստորագրութեամբ
խնդիրը
նկատի
կ՚առնէր
իր
զանազան
տեսակէտներու
ներքեւ:
Նախ
Պօղոսի
թուղթերով
կը
հաստատէր
եկեղեցականաց
որեւէ
կերպով
երկրորդ
ամուսնութիւններուն
արգիլուած
ըլլալը,
եւ
առաքելական
կանոնաց
պարզ
եկեղեցական
կանոնաց
նման
ըստ
պարագայից
փոփոխելի
չըլլալը,
եւ
քրիստոնէութեան
ամէն
ճիւղերուն
այդ
մասին
համամիտ
գտնուիլը:
Կը
յայտարարէր
թէ
եկեղեցական
զրկանքները
փոխադարձ
հետեւանքներն
են
իրենց
ստացած
նուիրական
առաւելութեանց,
թէ
մասնաւորաց
զրկումները
հիմն
են
ընդհանրական
բարին
դիտող
օրէնքներուն,
թէ
երկրորդ
ամուսնութեան
արտօնութիւնը
սիրահարութեանց
դուռ
կը
բանայ,
եւ
համարձակութիւն
կու
տայ
անտեղութեանց,
խիղճերու
հետ
գործ
ունեցող
քահանայից.
թէ
վերամուսնութեան
արտօնուող
այրի
քահանաներ
միայն
երիտասարդներ
կ՚ենթադրուին,
որ
մեծ
թիւ
չեն
կազմեր
եւ
ընդհանուր
օրէնքի
վրայ
չեն
կրնար
ազդել,
թէ
սակաւաթիւ
հետեւողներու
առջեւ
պատուաւոր
ամուսնութեան
դուռը
բաց
է
եկեղեցականութենէ
հրաժարելով,
որ
կամաւոր
եւ
պայմանաւոր
յանձնառութիւն
է
եւ
ոչ
երբեք
անհատական
իրաւունք
մը:
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքը
եւ
կրօնական
ժողովը
առիթ
կ՚առնեն
յիշեցնել,
որ
շատ
օգտակար
կ՚ըլլար,
եթէ
ամէն
կարեւոր
առիթներու
մէջ
Մայրաթոռը
մեծ
աթոռներու
խորհրդակցութեանց
դիմէր
(06.
ԱՐՐ.
812-819):
Թէպէտեւ
լրագիրներ
եւ
նոյն
իսկ
քանի
մը
եկեղեցականք
(06.
ԱՐՐ.
821-824,
եւ
07.
ԱՐՐ.
40)
պաշտպան
կանգնեցան
այրի
քահանաներու
վերամուսնութեան,
սակայն
Խրիմեան
կաթողիկոս
այլեւս
խնդիրը
չյուզեց,
եւ
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքարանի
1907
ապրիլ
4-ի
կոնդակով,
կարգալոյծ
հռչակեց
Բաղէշ
վիճակի
Ղուլթիկ
գիւղի
Ղազար
Տէր-Ղազարեան
եւ
Պաս
գիւղի
Յովհաննէս
Տէր-Յովհաննէսեան
այրի
քահանաները,
որոնք
փոխադարձաբար
իրարու
վերամուսնութիւնները
օրհնած
էին
(07.
ԲԻԶ.
2190):
3082.
ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱՑ
ԺՈՂՈՎ
Պետական
ազատութեանց
հռչակմամբ
եկեղեցական
ազատութեանց
ալ
համարձակ
ասպարէզ
տալու
փափաքը
շատ
աւելի
շեշտուեցաւ
Խրիմեանի
կողմէն,
երբ
Տաճկահայոց
ունեցած
ազգային
վարչութեան
նման
կազմակերպութիւն
մըն
ալ
Ռուսահայոց
համար
հաստատել
ուզեց.
փոխարքայական
ժամանակաւոր
կանոններն
ալ
պատեհութիւն
ընծայեցին
այդ
նպատակին
(07.
ԱՐՐ.
33):
Իրաւ
այդ
մասին
եկեղեցական
եւ
աշխարհական
յորդորողներ
շատ
ունեցաւ
իր
շուրջը,
բայց
առանց
անոնց
ալ
Խրիմեանի
տրամադրութիւնները
ուրիշէ
թելադրուելու
պէտք
չունէին.
սակայն
գործադրութեան
պահուն
հասած
քաջալերութիւններն
ալ
իրենց
դերը
ունեցան,
զի
որչափ
ալ
պետական
ազատութեան
հռչակուելուն
առաջին
օրերէն,
1905
հոկտեմբերէն
այդ
խօսքերը
կ՚ըլլային,
բայց
Խրիմեան
դեռ
վարանոտ
էր,
եւ
հազիւ
թէ
1906
մայիս
6-ին
իր
որոշումը
տուաւ,
եւ
յանձնարարեց
Տաճկահայոց
սահմանադրութեան
հետեւողութեամբ
կանոնադրութիւն
մը
կազմել,
բայց
գործադրութիւնը
դիւրին
չէր.
միւս
կողմէն
որոշումը
տրուելէն
ետքը
յապաղելու
չէր,
որ
չըլլայ
թէ
միտք
փոխելու
ժամանակ
տրուի:
Գործը
հետապնդողներ
մայիս
10-ին
կաթողիկոսին
կը
դիմեն
եւ
կը
թախանձեն
գոնէ
սկզբունքը
հռչակել
յաջորդ
օրը
մայիս
11-ին
Համբարձման
տօնախմբութեան
առթիւ:
Իսկոյն
կոնդակի
պատճէնը
կը
պատրաստուի
աշխարհաբար
լեզուով,
որ
այն
ալ
նորութիւն
մըն
էր
Էջմիածնի
մէջ,
բայց
հազիւ
մինչեւ
երեկոյ
կ՚ուղղուի,
կ՚ընդօրինակուի
ու
կը
ստորագրուի,
մայիս
10
թուականով,
եւ
գիշերով
կը
տպագրուի,
ինչպէս
գիշերով
հեռագրատունն
ալ
բանալ
կը
տրուի
որ
լուրը
վիճակներու
եւ
գլխաւոր
քաղաքներու
հասնի
տօնին
առտուն
(06.
ԱՐՐ.
401):
Կոնդակը
համառօտ
էր,
կը
յիշէր
Հայ
Եկեղեցւոյն
իր
ժողովուրդին
տուած
իրաւունքը,
իրեն
Խրիմեանի
13
տարիէ
ի
վեր
այդ
իրաւունքը
Ռուսահայոց
ալ
դարձնելու
միտքը,
եւ
պարագայից
այժմ
յաջողիլը.
իսկ
իբր
ընտրելի
պաշտօնեաներ
կը
յիշէր,
թեմակալ
առաջնորդները,
յաջորդները,
գործակալները,
եւ
հոգեւոր
վարչական
հաստատութեանց
պաշտօնեաները:
Ընտրութեան
ձեւին
համար
ալ
մինչեւ
պատգամաւորներու
ժողովով
հաստատուն
կանոնադրութեան
մշակումը
կը
հրամայէր
հետեւիլ
կաթողիկոսական
ընտրութեան
եղանակին
ընդհանուր
եւ
անմիջական
յանձնատուութեամբ
(06.
ԱՐՐ.
376):
Մայիս
11,
Համբարձման
առտուն,
լուսարարապետ
Յովակիմեան
Ղեւոնդ
եպիսկոպոս
կը
պատարագէ,
Վաղարշապատի
ժողովուրդը
խուռն
կը
դիմէ
վեհարանի
ներքին
պարտէզը,
հոն
հայրապետական
մաղթանք
կը
կատարուի
բացառիկ
կերպով,
կաթողիկոսը
որ
եկեղեցի
չէր
կրցած
իջնալ,
պատշգամէն
կ՚օրհնէ,
պատգամաւորութիւն
մը
շնորհակալութեան
կը
ներկայանայ,
եւ
ուրախութեան
տօն
կը
կատարուի
ինչպէս
Վաղարշապատ,
նոյնպէս
ուրիշ
տեղեր
ուր
որ
գիշերով
յղուած
հեռագիրները
հասած
էին
(06.
ԱՐՐ.
402):
Մայիս
10-ի
կոնդակին
հետեւեցաւ
յունիս
7-ի
կոնդակը,
որ
պատգամաւորաց
ժողով
կը
հրաւիրէր
օգոստոս
15-ին,
Վերափոխման
երեքշաբթի
օրը,
եւ
պատգամաւորներու
վերաբերեալ
գլխաւոր
հրահանգները
կ՚աւանդէր,
իւրաքանչիւր
հազար
ընտրողի
կամ
մօտաւորապէս
20.
000
ժողովուրդի
մէկ
պատգամաւոր,
իսկ
բովանդակ
Ռուսահայոց
60
պատգամաւոր`
վեց
վիճակներու
վրայ
բաշխուած.
Բեսարաբիոյ
1,
Աստրախանի
2,
Շամախի
3,
Արցախի
8,
Տփղիսի
17,
եւ
Երեւանի
29
(06.
ԱՐՐ.
471-477):
Պատգամաւորաց
համաժողովին
զբաղելու
նիւթերն
ալ
պիտի
ըլլային
միայն
դպրոցական,
տնտեսական
եւ
ընտրական
(06.
ԱՐՐ.
518):
Ընտրութիւնները
սկսան,
եւ
յառաջ
անցնողներ
եղան,
անոնք
որ
կուսակցական
գործունէութեամբ
ձգտում
եւ
վարժութիւն
ունէին,
թէ
առաջ
անցնելու
փափաքը
չունէին
եւ
թէ
միւսներուն
գործունէութեան
խառնուելէ
կը
զգուշանային:
Եկեղեցականութիւնը
իբրեւ
որոշ
մարմին
ներկայացուցչութիւն
չունէր,
թէպէտ
քանի
մը
քահանաներ
պատահմամբ
ընտրուած
էին
իբր
պարզ
ժողովրդական
անձեր:
Ընտրեալներ
հետզհետէ
սկսան
Էջմիածին
խմբուիլ,
բայց
պատգամաւորներուն
կրկին
թիւով
ուրիշ
անձեր
ալ
հաւաքուեցան,
խմբագիրի,
թղթակիցի,
օգնականի
եւ
համակիրի
անուններու
ներքեւ,
որոնք
ամէն
բան,
ոչ
միայն
բնակութիւն
եւ
սնունդ,
այլեւ
անհատական
պիտոյք
Էջմիածինէ
կը
պահանջէին
եւ
կ՚ընդունէին
առատօրէն:
Կաթողիկոսը
որոշուած
օրը
համաժողովը
բացաւ,
ժողովասրահի
վերածուած
Ճեմարանի
հիւանդանոցին
մէջ,
բայց
այլեւս
նիստերու
չմասնակցեցաւ,
որոնք
շարունակեցին
տպարանի
սրահին
մէջ`
դաշնակցական
յայտնի
գործիչ
Սիմէոն
Զաւարեանի
ատենապետութեամբ:
Ժողովի
եկողներ
առջի
օրէն
մոռցան
իրենց
համար
որոշուած
դպրոցական
եւ
տնտեսական
եւ
ընտրական
խնդիրներու
շրջանակը,
եւ
սկսան
ուրիշ
շրջանակներ
արշաւել,
եկեղեցական,
դաւանական,
ծիսական,
կանոնական,
իրաւասական
խնդիրներ
յուզել,
եւ
իրենց
իմացած
ազատութեամբ
ամենայն
ինչ
իրենց
կամքին
ենթարկուած
կարծել.
Հայոց
եկեղեցին
եւ
եկեղեցականութիւնը
վնասակար
էր
հրատարակուում
հայ
ժողովուրդի
համար,
հակաեկեղեցական
տրամադրութիւն
էր
ստեղծուում,
եկեղեցու
պաշտօնէութեան
դէմ
պայքար,
եւ
եկեղեցականութեան
պատկառելի
դէմք
մը`
Սուքիաս
Պարզեանց
եպիսկոպոսը`
անպատւութեան
կ՚ենթարկուէր
թքակոծութեան
եղանակով
(07.
ԱՐՐ.
36-37):
Մինչեւ
իսկ
հայրապետական
իշխանութիւն
առ
ոչինչ
կը
համարուէր
(07.
ԱՐՐ.
37),
չմտածելով
որ
գոյութիւննին
ու
գործողութիւննին
ալ
անկէ
ստացած
էին:
Այս
յայտարարութեանց
պարագլուխներ
եւ
հետեւողներ
առաւելապէս
որոշ
կուսակցութեան
սպասաւորներն
էին
(07.
ԱՐՐ.
36):
Պատահմամբ
ընտրուած
խոհական
եւ
եկեղեցական
անդամներ
սկսան
ժողովէն
քաշուիլ,
Աթոռի
միաբանութիւնը
ձայն
բարձրացուց`
Աթոռի
մէջ
եւ
Աթոռի
ծախքով
Աթոռի
դէմ
գործող
նորահաստատ
ժողովին
դէմ.
պետական
պաշտօնեաներուն
ալ
մտադրութիւնը
գրգռուեցաւ,
երբոր
կառավարութեան
ալ
իրենց
գործին
խառնուելու
իրաւունք
չունենալու
յայտարարութիւնը
լսուեցաւ:
3083.
ԺՈՂՈՎԻՆ
ՑՐՈՒԻԼԸ
Յուսախաբութիւնն
ու
հիասթափումը
Խրիմեանն
ալ
գրաւեց,
երբոր
գործին
ձախող
ուղղութիւնը
տեսաւ,
եւ
երբոր
իր
հայրական
խրատներն
ալ,
զորս
անշուշտ
չէ
խնայած,
արդիւնք
չունեցան
իր
ստեղծած
եւ
գումարած
կեդրոնական
ժողովին
առջեւ,
որ
գոնէ
կառավարութեան
առջեւ
կարենար
իր
նախաձեռնութեամբը
ստանձնած
պատասխանատուութիւնը
արդարացնել:
Արդէն
յայտնի
էր
որ
ռուսական
կառավարութիւնը
չպիտի
հանդուրժէր
ազգայնական
դրութեան
եւ
անկոպար
ազատութեան
պայմաններու
ներքեւ
կազմուած
ժողովի
մը,
որ
չէր
կրնար
յարմարիլ
իր
ընդունած
եւ
հաստատած
օրէնքին:
Խրիմեան
պարտաւոր
էր
կանուխէն
այդ
կէտը
կառավարութեան
հետ
խորհրդակցութեամբ
եւ
համերաշխութեամբ
կարգադրած
ըլլալ,
եւ
ոչ
յանկարծ
իր
կողմէն
օրէնքի
փոփոխութեան
ձեռնարկել,
այնչափ
եւ
այնպիսի
ընդարձակութեամբ
մը,
որուն
ոչ
թէ
եկեղեցին
կամ
Ռուսաստան,
այլեւ
բոլոր
ազգերու
եւ
պետութիւններու
օրէնքները
դեռ
եւս
չէին
ձեռնարկած,
որպէս
էր
ժողովներին
մասնակցելու
եւ
պաշտօններ
ստանձնելու
իրաւունք
ունին
հաւասարապէս
21
տարին
լրացուցած
բոլոր
արք
եւ
կանայք
(06.
ԱՐՐ.
586-3):
Տարօրինակ
էր
նաեւ
իր
բնութեամբը
կրօնական
կամ
հոգեւորական
ժողովին
մէջ
եկեղեցական
դասակարգին
ներկայացուցիչ
չունենալը.
զի
եթէ
Հայ
Եկեղեցին
իր
լայնախոհ
հայեցուածքով
աշխարհականը
եկեղեցւոյ
մէջ
ամէն
իրաւունքէ
չի
զրկեր,
եւ
աշխարհականը
մատակարարական
եւ
ընտրական
կէտերու
մէջ
իբր
եկեղեցականի
ընկերակից
կ՚ընդունի,
բայց
ոչ
երբեք
եկեղեցականը
զրկելով
միայն
աշխարհականի
կը
յանձնէ
իր
գործերն
ու
շահերը:
Պօլօժէնիէն
կաթողիկոսի
ընտրութենէն
դուրս
աշխարհականին
ընտրողական
մասնակցութիւնը
չի
յիշեր,
միայն
կաթողիկոսէ
առաջարկութիւնը
եւ
պետութեան
որոշումը
օրինադրելով,
սակայն
կաթողիկոսը
չի
զրկեր
իր
գործին
համար
խորհրդակիցներ
ունենալէ.
ուստի
դժուար
չէր
կառավարութենէն
ստանալ
եթէ
կաթողիկոսը
առաջարկէր
վիճակներու
եւ
թեմերու
ընտրութեան
համեմատ
որոշել
կայսեր
ներկայանալիք
երկու
ընտրելեաց
կամ
ընտրելոց
անունները
(
ՀԵԿ.
182):
Խրիմեանի
չէ
հնար
ուրանալ
բարենպատակ
ձգտումներու
արժանիքը,
բայց
միեւնոյն
ժամանակ
հարկ
է
ճանչնալ
գործ
մը
օրինաւորապէս
կազմակերպելու,
ձեռնարկ
մը
նախազգուշութեամբ
պատրաստելու,
եղելութիւն
մը
ճարտարութեամբ
վարելու
վարչական
ձիրքին
պակասութիւնը,
որով
իր
ձեռքէն
ելած
գործեր
աւելի
ձախողուածով
վերջացան
քան
թէ
յաջողուածով
պսակուեցան:
Նոյնը
հանդիպեցաւ
այդ
պարագային
ալ.
ռուսական
կառավարութիւնը
մայիս
10-ի
կոնդակին
եւ
յունիս
7-ի
հրահանգին
վրայ
հարկ
չսեպեց
միջամտել,
նոր
հռչակուած
ազատութեան
օրէնքը,
կրօնական
ազատութեան
սկզբունքը,
հետեւանքը
չտեսած
դիտողութեան
մտնելը,
իր
նորակազմ
դրութեան
պահանջը,
զգուշութիւն
կը
թելադրէին,
եւ
հետեւապէս
լռեց
մինչեւ
օգոստոս
15-ի
բացումը,
թէպէտ
հնար
չէ
որ
ընտրութեանց
վրայ
մտադրութիւն
դարձուցած
չըլլայ.
ուստի
ժողովը
ազատօրէն
բացուեցաւ,
բայց
կառավարական
միջամտութեան
պէտքը
զգացուեցաւ
այն
վայրկեանէն,
որ
տիրող
օրէնքներու
դէմ
յայտարարութիւններ
եղան,
պետական
իշխանութիւնը
չճանչնալու
արտայայտութիւններ
արտասանուեցան,
եւ
նախատեսեալ
դպրոցական
եւ
տնտեսական
եւ
ընտրական
խնդիրներէ
օտար
խնդիրներ
ժողովական
որոշմանց
նիւթ
դարձան:
Երբոր
կաթողիկոսն
ալ
հիասթափած
եւ
զայրացած
ամէն
միջամտութենէ
ձեռնթափ
եղաւ,
բացումէն
քիչ
ետքը
յանկարծ
գաւառական
ոստիկանութեան
օգնականը
վանք
գալով
ժողովականաց
յայտարարեց
թէ
ժողովին
նիստերը
դադարած
են,
եւ
թէ
ժողովի
եկողներ
պէտք
է
իսկոյն
տեղերնին
դառնան.
որուն
վրայ
ամէնքն
ալ,
եւ
ոչ
իսկ
բողոքի
ձայն
հանելով,
փութացին
աթոռէն
իրենց
ճանապարհածախսը
ստանալ,
եւ
երկու
հարիւրի
չափ
անհարկի
հիւրեր
անմիջապէս
վանքէն
մեկնեցան,
եւ
այսպէս
փակուեցաւ
Ռուսահայոց
ազգային
ժողովը,
եւ
պատգամաւորաց
կեդրոնական
համաժողովի
անունն
ալ
այլեւս
չյիշուեցաւ:
Միայն
ծխական
կամ
թաղական
մատակարարութեանց
ժողովները
մնացին,
որոնց
համար
նոր
հրահանգ
մը
կազմուեցաւ
1907
յունուար
11-ին
(06.
ԱՐՐ.
յաւել.
).
բայց
այն
ալ
կանոնաւոր
ընթացք
չունեցաւ,
զի
ինչ
ինչ
տարադէպ
եւ
տարօրինակ
կարգադրութիւններ
եւ
Խրիմեանի
նոյն
տարւոյ
մէջ
տեղի
ունեցած
վախճանը,
եւ
կառավարութեան
կողմէն
դաշնակցականաց
դէմ
բացուած
հալածանքն
ու
բանտարկութիւնները
բոլորովին
մոռացութեան
մատնեցին
Խրիմեանի
նուիրագործել
ուզած
ազգայնական
իրաւունքը
եւ
ժողովրդական
ընտրութիւններու
ձեռնարկը:
3084.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ
ՇՐՋԱՆԸ
Խրիմեանի
կաթողիկոսութեան
վերջերը
հասած
ընդհանուր
ակնարկ
մը
պիտի
նետենք
անոր
14
տարւոյ
կաթողիկոսական
գործունէութեան
վրայ,
որ
իսկապէս
տառապանաց
շրջան
մը
եղաւ,
եւ
հազիւ
դադրեցաւ
երբ
Խրիմեան
այլեւս
գործելու
ժրութենէն
դադրած
էր:
Կայսերական
հաստատութեան
յապաղիլը
Խրիմեանի
առաջին
տագնապն
եղաւ,
որ
բաւական
մտահոգութեան
մատնեց
զայն
(§
2970):
Հաստատուելէն
ետքն
ալ
առանց
Կ.
Պոլիսէ
անցնելու
Էջմիածին
մտնելն
ալ
նոր
զրկում
մը
եղաւ
(§
2971),
թէպէտ
այսպիսի
անձնական
եւ
պատահական
դէպքերէն
շատ
զգացուողը
չէր
Խրիմեան:
Էջմիածին
հասնելէն
ետքը
ներքին
անհամբերութիւններ
պակաս
չեղան
Երեմիա
Գալստեան
եւ
Արիստակէս
Սեդրակեան
եպիսկոպոսներու
կողմէն,
որոնք
իրենց
ձգտումներուն
մէջ
յուսախաբ
եղած
(§
2954-2956),
չքաշուեցան
մեքենայութիւններ
գործածել
ընտրելւոյն
դէմ,
որպէսզի
արդարացնեն
ազգին
եւ
մանաւանդ
կառավարութեան
առջեւ
իրենց
գործի
գլուխ
գտնուելու
մարմաջը,
մինչեւ
որ
Սեդրակեան
իբրեւ
առաջնորդ
Աստրախան
հեռացաւ,
եւ
Գալստեան
ալ
յանկարծամահ
եղաւ
1897
նոյեմբեր
3-ին:
Միեւնոյն
ժամանակ
սկսած
էր
դպրոցական
խնդիրին
առաջին
արարուածը,
որով
դպրոցներու
վարչութիւնը
ազգային
հոգեւորական
իշխանութենէ
պետական
պաշտօնէութեանց
ձեռքը
կ՚անցնէր:
Երբոր
այս
բաւական
չեղաւ
Գալիցինի
նպատակին,
1898-ին
սկսաւ
երկրորդ
արարուածը,
որ
էր
դպրոցներուն
հասոյթներուն
ու
մատակարարութեանը
պետական
պաշտօնէութեանց
փոխանցելը:
Եւ
երբոր
դպրոցական
հասոյթներուն
եկեղեցւոյ
անունով
արձանագրուած
ըլլալը
երեւան
եկաւ,
մէջտեղ
ելաւ
1903-ի
երրորդ
արարուածը,
բոլոր
եկեղեցական
կալուածոց
եւ
գոյից,
արդիւնաւորմանց
եւ
մատակարարութեանց
գրաւումը,
որ
երկու
տարիներ
ծանր
տագնապներ
իրականացնելէ
ետքը,
1905
օգոստոսի
սկիզբը
նպաստաւոր
կերպով
փակուեցաւ
(§
3033):
Բայց
տակաւին
ժամանակ
մըն
ալ
տեւեց
տագնապը
մինչեւ
որ
գրաւումները
ետ
առնուեցան,
վնասուածները
դարմանուեցան,
եւ
հազիւ
1906-ին
վերջերը
կանոնաւոր
վիճակ
մը
կը
ստացուէր,
բայց
Խրիմեան
ուժաթափ
եղած
էր
արդէն:
Այս
ամէն
պարագայից
մէջ
Խրիմեանի
մեծ
արժանիքն
եղաւ
արիական
դիմադրութիւնը
առանց
պատշաճից
պահանջումները
մոռնալու,
եւ
ամէն
պատասխանատուութիւնը
իր
վրայ
առնելը,
մինչեւ
իսկ
առաջնորդներու
եւ
յաջորդներու
եւ
վանահայրերու
պաշտօնէ
դադարման
կոնդակներ
յանձնելով,
որպէսզի
ի
հարկին
ինքզինքնին
պատասխանատուութենէ
ազատելու
փաստ
ունենան
ձեռուընին:
Արիութիւնը
այնչափ
բնական
էր
Խրիմեանի,
որ
մենք
պիտի
չըսենք
ալ
թէ
տագնապները
իրեն
կեանքը
վտանգեցին:
Խրիմեանի
կրած
տագնապներուն
մէջ
նշանաւոր
տեղ
մը
պէտք
է
տանք
նաեւ
Տաճկահայոց
կոտորածներուն,
որոնք
ոչ
միայն
զինքն
խորապէս
վշտացուցին
իրեն
սիրելի
գաւառներուն
յաւեր
եւ
յաւար
մատնուելովը,
այլեւ
հարկ
եղաւ
որ
հոգածութիւնը
ստանձնէր
նպաստ
հասցնելու,
հասարակութիւնը
յորդորելու,
եւ
մանաւանդ
սահմանագլուխն
անցնող
եւ
Կովկաս
ապաւինող
եւ
Էջմիածինի
վրայ
թափուող
փախստական
գաղթականները
ապրեցնելու
եւ
հագուեցնելու
եւ
պատսպարելու
համար:
Խրիմեան
բնութեամբ
առոյգ
եւ
երթեւեկի
վարժ,
ստէպ
Էջմիածինէ
ելլելով
Տփղիս
եւ
ուրիշ
կողմեր
ժամանակաւոր
պտոյտներ
կը
կատարէր,
բայց
իր
ուղեւորութեանց
մէջ
նշանաւորագոյն
եղան
Երուսաղէմէ
Էջմիածին
գալը
(§
2971),
որ
զինքն
յարաբերութեան
մէջ
դրաւ
Եւրոպա
գտնուող
համազգիներու
հետ,
յետոյ
Ռուսաց
կայսեր
ներկայանալու
համար
Պետրբուրգ
երթալը,
որ
ատեն
կրցաւ
Ռուսաստանի
ներքին
գաղութներուն
այցելութիւնն
ալ
կատարել.
նմանապէս
Բագուի
ուղեւորութիւնը
երբ
Կովկասահայոց
ունեւորները
նուիրատուութեան
յորդորեց,
եւ
փախստական
ու
գաղթական
գործաւոր
դասակարգին
կեանքին
հետ
շահագրգռուեցաւ:
Եւ
վերջապէս
Սիւնիք
եւ
Արցախ
տուած
հովուական
այցելութիւնը,
երբ
Տաթեւն
ու
Գանձասարը
եւ
բազմաթիւ
հայ
վանքերը
տեսաւ,
եւ
անոնց
նշանակութեամբը,
անցեալովն
ու
ներկայովը
զբաղեցաւ:
Իրեն
սիրելագոյն
տեղը
եղած
էր
Սեւանայ
անապատը,
ուր
ամէն
տարի
կայցելէր,
եւ
որուն
նոր
կեանք
ներշնչեց
եւ
նոր
ասպարէզ
բացաւ,
հին
վանքին
տեղ
նորը
կառուցանելով
եւ
գիւղական
քահանայացուներու
համար
ընծայարանի
տեղ
եւ
հրահանգուելու
դիւրութիւններ
պատրաստելով:
Խրիմեանի
անունն
ու
անշահասէր
ընթացքը
եւ
օժանդակելու
ձգտումը
կարողներուն
քսակն
ու
սնտուկը
դիւրութեամբ
կը
բանային
իր
առջեւ,
որով
ինքն
ալ
կարող
կ՚ըլլար
լիաբուռն
նպաստել
կարօտներուն,
օգնել
գաղթականներուն,
եւ
առատաձեռնել
շինութիւններուն:
Էջմիածնի
մայրավանքին
վրայ
նշանաւոր
փոփոխութիւններ
եւ
օգտակար
յաւելուածներ
եղան
իր
օրով:
Ջահկեցիին
Ղազարապատ
հիւրանոցը
քանդուեցաւ
եւ
ի
հիմանց
կառուցուեցաւ
Խրիմեանի
Հայրիկապատը,
վանքէն
անջատ
հիւրանոց
մը:
Հին
սինոդի
շէնքը
վերցուեցաւ
եւ
տեղը
Հայրիկեան
թանգարանը
կանգնեցաւ
հնութեանց
եւ
հետաքրքրական
իրաց
հաւաքարան,
իսկ
սինոդին
նոր
ու
վայելուչ
տեղ
պատրաստուեցաւ
մայրավանքի
մուտքին
առաջին
բակին
մէջ:
Մեծ
բակին
հիւսիսակողմը
բարձրացաւ
նոր
մատենադարանը
իր
ամէն
կազմածներով
եւ
ընդարձակ
հանդիսասրահով,
եւ
շրջակայ
անտառն
ալ
որմափակ
պատերով
ժողովրդական
զբօսավայրէ
միաբանական
հանդիսավայրի
փոխուեցաւ:
Ս.
Հռիփսիմէ
եւ
Ս.
Գայիանէ
վանքերը
նորոգուեցան
եւ
յարդարուեցան,
եւ
երկրորդին
նոր
շինութիւն
աւելցաւ
որբանոցի
նպատակով,
որ
յետոյ
հիւրանոցի
յաւելուած
դարձաւ
եւ
ծառուղիով
վանքին
հետ
միացաւ:
Հին
խոհանոցը,
շտեմարանը,
սառնատունը
նորերով
փոխանակուեցան,
Մակարի
հիմնած
տպարանը
յաւելուածով
ընդարձակուեցաւ,
տեղապահութեան
հիմնած
միաբանական
թաղը
ճեմարանի
ու
մատենադարանի
մէջ
տարածուեցաւ.
ճեմարանին
նոր
հիւանդանոց
շինուեցաւ,
եւ
այդ
նոր
շինութեանց
հետեւանօք
մեծ
բակին
հիւսիսային
եւ
արեւելեան
կողմերը
գտնուող
հին
շէնքերը
վերցուեցան,
եւ
բակը
կրկնապատիկ
ընդարձակուեցաւ:
Վանքին
եւ
Վաղարշապատին
ջուրը
առատացաւ
Քասախէ
նոր
ջրանցքով,
եւ
հին
ջրուղիի
մը
բացուելովը,
լուսաւորութեան
եւ
մեքենական
ոյժի
համար
ելեքտրական
հաստատութիւն
մը
հիմնուեցաւ:
Հին
Զուարթնոց
եկեղեցւոյ
պեղմանց
եւ
յարդարմանց
գործը
պաշտպանուեցաւ
եւ
քաջալերուեցաւ,
Վաղարշապատի
ընդարձակուելովը
Ս.
Շողակաթի
վանքը
ծխական
եկեղեցիի
փոխուեցաւ:
Վերջապէս
նոր
վեհարանի
շինութեան
գաղափարն
ալ
իրականութեան
մտաւ,
եւ
Խրիմեան
չվախճանած
աւազ
ու
քար
սկսան
դիզուիլ,
թէպէտ
հիմնարկէքը
մնաց:
Որչափ
ալ
բարերարներ
ու
նուիրատուներ,
գործակիցներ
ու
աշխատակիցներ
մաս
ունեցան
անոնց
մէջ,
սակայն
միշտ
գլուխ
գտնուողին
ջանքն
ու
փոյթը,
դիմումն
ու
միջնորդութիւնը,
յորդորն
ու
քաջալերութիւնը
գլխաւոր
տեղ
կը
վայելեն
ազգօգուտ
ձեռնարկներուն
մէջ:
Երբ
այդ
մանրամասնութիւնները
գովութեամբ
կը
յիշատակենք,
չենք
կրնար
առանց
ցաւ
յայտնելու
լռել
Մայրտաճարին
ներքին
զարդերուն,
Յովնաթանի
նկարներուն
փճացումը
(§
2208),
աստ
անդ
երկրորդական
վանքերու
վրայ
եղած
ծախքերը,
որոնք
ոչ
յարգի
անցեալի
մը
պահպանութիւնն
եւ
ոչ
օգտակար
ներկայի
մը
հանգամանքն
ունէին:
Նմանապէս
դիտողութենէ
զերծ
չի
կրնար
ըլլալ
իր
եղբօրորդւոյն
Խորէն
Խրիմեանի
եւ
իր
փոքրաւորին
Կորիւն
Սահակեան
վարդապետի
դրամական
գործոց
մէջ
թողուած
անկշռադատ
ձեռնհասութիւնը,
բաշխուած
նպաստներու
եւ
օգնութիւններու
մէջ
Վանեցւոց
հանդէպ
ցուցուած
դիւրահաս
տկարութիւնը,
եւ
վերջապէս
Աստուածաշունչի
տպագրութեան
համար
հոգածութեան
նուազութիւնը,
արտաքիններէն
օգնութիւններ
եւ
ներքիններէն
նպաստներ
ստանալէ
եւ
կոնդակներով
յանձնառութիւններ
ստանձնելէ
ետքն
ալ: