Թորոս Լեւոնի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Սոսկալի ելեւէջները, արեւուն կիզանուտ ճառագայթները զամենքը վաստակաբեկ ըրած էին, ուստի ամէնը շատ գոհութեամբ ընդունեցան այս դադարը, զօր պատրաստած էր իրենց համար Սարգիս. մսին խորովածը ախորժանոք կերան. եւ զարմանքով կը նայէին Եւփիմէի, որ հազիւ թէ պզտի յոգնութիւն մը առած Թորոսին հետ դղեակը կը պտտէր, որ իրօք այն ժամանակի շէնքերուն վայելուչներէն մէկն կրնար համարուիլ, ընդարձակ սենեակներով, գեղեցիկ մատուռով, ջրի կապարեայ ագուգայներովն եւ ընդարձակ պարտէզովն` ուր խառնիխուռն անտառացեր եւ վայրենացեր էին կիտրոնիք, ձիթենիք, թթենիք, բրաբեանք եւ դափնիք: Սարգիս, որ կիսակատար գործ չէր ընէր, ճամփուն վրայ երկու պահապան դրած` կէս ժամը մեյ մը զանոնք կը փոխէր, եւ հրաման ըրած էր ոչ ոք չանցնել, իսկ եթէ մէկը համարձակէր հրամանը ոտնակոխել, առանց սպասելու փողոտեղ, եւ այս զինուորական ճշտութիւնը կը տեսնէր Թորոս ու գոհ կը լինէր խորհրդածելով թէ լեռնցի ազատ ժողովրդեան այս կամաւոր հնազանդութիւնը զինուորական կանոնաց հայրենի ազատութեան երաշխաւոր էր:

Դիոնիս նոյն միջոցին, իր անցելոյն դիտողութիւնները կ'ընէր. ուսման նիւթ էր իրեն համար թէ շէնքը ո՞ր դարու, ո՞ր ժամանակի կը վերաբերէր, թէ մատուռը երբեմն թերափներու տաճար եղած եւ ետքը քրիստոնէ կրօնքին պատկանեալ էր: Բաբկէն իր տղոց` հետ նստած` կնոջը, աղջկանց եւ պզտի մանչուն վրայ տեղեկութիւն կառնուր, իր գերութենեն վերջը անոնց քաշած նեղութեանց եւ հալածանաց պատմութիւնը մտիկ կ'ընէր, վասնզի հոռոմք, որ Ռուբինեանց իշխանութիւնը կործանել յաջողած էին` երբեք ի տաճկաց, ի լատինաց եւ ի քրդաց բռնութենեն չէին կրցեր պահպանել երկիրը, որ կատարեալ անիշխանութայն մէջ` կը հեծէր աւուր առաջին բռնաւորին: Անդին խումբ մը հինգ-վեց երիտասարդներու, Թորոսի եւ հետեւաբար Եւփիմեայ վրայ կը խոսէն կամաց եւ գաղտագողի. մէկ-երկուքը կը կարծէին թէ յոյն պատանի մ՚էր, որ ընկերացեր էր իշխանին, իսկ աւելի խորագէտները կը պնդէին թէ կին էր, իսկ ուրիշներ` թէ Թորոսի կինն էր, եւ իրենց անժխտելի փաստը կը ցուցնէին Բաբկէնի պէս խիստ մարդու մը անոր ըրած պատիւն ու պատկառանքը, եւ թէ ինչպէ՞ս անոր կապոցը Բաբկէն զգուշութեամբ իր ուսեն չէր բաժնէր: Կային`նաեւ քանի մը երիտասարդք ի նաւաստեաց, որ բոլոր գիշերն անքուն` ծառերու շուքին տակ դալարի վրայ ահագնաձայն կը խորդային ծովուն վյրայեն փչած կենդաննայ ցուցիչ հովին տուած քթերնին:

Իսկ Թորոս` Սարգսին, Կոստանդնին եւ վարդապետին հետ կը խորհրդակցէր իրենց հետեւելիք ճամփուն վրայ. եւ որոշեցին Սարգսի խորհրդեան հետեւիլ, գիշերով` մութուն ճամփայ չընել, այլ ցերեկուան եւ արեւու լուսով շարունակեւ ընթացքը. ուստի առանց ուշանալու ելան ճամփայ, երբ արեւը սկսէր էր դեռ նոր խոնարհիլ, ձայն տուին տղոց, խումբը կազմեցին կանոնով` կազդուրեալ եւ ոգեւորեալ ճամփայ ընկան: Թէպէտ ժայռ եւ անտառ պակաս չէր, բայց ոչ երբեք անցեալին կրնար համեմատիլ, առուակներ, որ բլուրները կը կ'ըտրէին, անտառներ, որ երբեմն դէպի ծով կ'երկննային. գեղեցիկ ծովափնեայ աւազուտ մը իրենց ճամփան կը կազմէին: Լամոսի բերդին հեռուանց շրջան մը տուին, որու սակաւաթիւ բերդապահք ոչ թշնամութեան ցոյց եւ ոչ կենաց նշան տուին, եւ մեր խումբը մտաւ թաւ անտառի մը մէջ, ուր դարաւոր ծառեր իրենց հովանին խաղաղ լռութեան մը վրայ կը տարածէին: Սրընթաց վտակ մը անտառը կը կտրէր, եւ երբ ջրին ընթացքին հետեւելով կարաւանը վեր ելաւ բլուրին գլուխը` նռնենեաց անտառ մը զանի կը պատեր եւ Սարգսին պահապանը իր ճերմակ դրօշակը ձեռքը զիրենք դիմաւորեց:

Ան գիշերը ճամփաներուն պահապաններ դրուելեն վերջ հանգիստ քնացան պայծառ երկնքի տակ եւ առաւօտուն կանուխ կ'ելնէին ճամփայ, եւ դեռ արեւը չելած Պոմպէուպոլսոյ աւերակներն եւ ծովը հաջ կողմը ձգելով, Տորոսի գօտիներէն անբաժան կը ջանային անցնիլ անծանօթ Լամբրոնի բերդին քովին, ուր գիտէին թէ լաւ հսկողութիւն եւ պահպանութիւն կար ճանապարհաց: Ուստի մեր Սարգիսն շատ անհանգիստ էր, եւ իր սուր աչքերը լեռանց գագաթները կը քննէին թէ պիտի տեսնէ՞ր իր ճերմակ դրօշակի ծածանումը, բայց ժամը երեկոյ կը լինէր, եւ նշան չի կար, հոն ժամադրութեան տեղը իր պահապանը չէր երեւար, ուստի կեցուց կարաւանը, վազեց դէպի քարակերտի մը, եւ քանի մը քար խախտելեն վերջ գտաւ իր ծածուկ պաշարներ` պաքսիմատ, պանիր, կարագ, ձիթապտուղ, վասնզի թշնամուոյն մոտութիւնը չէր ներէր կրակ վառէի բայց դարձեալ առանց յայտնի ընելու իր մեծ անհանգստութիւնը ամէնուն յորդորեց ուտել եւ կշտանալ, վասնզի կ'ըսէր տաժանելի է ճամփանիս. եւ Թորոսի ու Կ'ոստանդնի միայն յայտնեց թէ իր պահապանին անյայտանալը վտանգաւոր գուշակութիւն մ՚էր նոյն գիշերուան համար:

Այս յայտնութեան վրայ Թորոս, առանց Կ'ոստանդնի ժամանակ տալու, որու հախուռն եւ յանդուգն քաջութիւնը լաւ կշռէր էր, երկայն հարցաքննութեան մը սկսաւ:

Լամբրոնի բերդը հոսկից ինչչա՞փ կը տեւէ:

Ժամ մը:

Ինչչա՞փ զինուոր կարծես թէ ունին:

Քառասուն-յիսուն, բայց ընտրանոք մարդիկ:

Հոսկից ինչուան Կիլիկիոյ կիրճերն ինչչա՞փ կը տեւէ:

Չորս ժամ:

Հոն դարձեալ բերդք եւ պահակազօրք միշտ կը գտնուի՞ն:

Միշտ:

Հուքէ՞ են զօրքերը թէ հայ:

Խառնակ, կ'էս-կես:

Հոսկից Տարսոն ինչչա՞փ կը քաշէ:

Մե՞ր ընթացքով. չորս ժամ:

Ատանա՞:

Գրեթէ նոյնչափ:

Ատանայէ Միսի՞ս: Նոյնչափ:

Բաւական է, ըսաւ Թորոս, շարունակենք մեր ճամփան: Թշնամին թէ որ գայ, թո՛ղ այս լեռներուն վրայ մեզ գտնէ: Դու, Սարգիս, նայէ՛, որ միշտ ճամփուն բարձրերը բռնես միշտ ապառաժուտը, նայէ՛, որ անցնինք մեյ մը սա Լամբրոնի բերդը հեռուեն:

Կայ մէկ ճամփայ մը, բայց երեք ժամ ճամփանիս կը հեռացնէ:

Չի զրուցե՞ս, այն ճամփեն գնա ուրեմն:

Բայց երեք ժա՜մ, ըսաւ Կոստանդին:

Այո՛, երեք ժամ, բայց Լամբրոնի բնիկ եւ ընդոծին հայոց Հետ կռուիլ իրենց լեռներուն մէջ` յիմարութիւն է, պատասխանեց Թորոս այնպիսի ձեւով մը, որ պատասխան չէր վերցնէր:

Ուստի մեր խումբը բռնեց ափափայից ճամփան եւ մութ տեղ մը կը մագլցէին. Սարգիս առջեւեն, Թորոս ետեւեն եւ վարդապետը վեղարը գլուխը Թորոսի անմիջապէս քովին. սուրերը կարճ բռնուած էին, որպէսզի ձայն չի հանեն ժայռերու զարնուելով. զէնքերը չի փայլելու համար լաթերով ծածկուած էին, եւ այսպէս ժամ մը շարունակեցին իրենց ընթացքը, եւ աս միջոցիս Թորոս զվարդապետ կը կարդացնէր:

Սարգիս, որ առջեւեն կը քաւէր, ետ դարձաւ եւ Թորոսին կամաց ձայնով մը ըսաւ.

Իշխանդ, հոս թշնամին հեռու չէ, վասնզի ահա ճամփուն վրայ պատնէշապէս քարեր դիզէր են. կարելի է կռնակը քանի մը հոգի պահապան կան. ի՞նչ ընենք, յարձակի՞նք:

Կա՛ց, ըսաւ Թորոս, լռութիւ՜ն, չորս հատ նիզակաւոր կորովիներէն բեր պատնէշին տակ կենան, ո՛վ, որ գայ, անխնայ զարնեն, ա՛ռ Կոստանդին ալ, եւ մենք երեքնիս բաւական ենք սա ժայռերէն շրջան մը ընելով անոնց կռնակը անցնելու եւ վրանին իյնալու. բայց անշշունջ, առանց ձայնի: Եւ ինք մօտենալով Բաբկէնի, Եւփիմեն դարձեալ իրեն յանձնեց պատսպարել վահանաւ, որ նետ մը, քար մը, վտանգ չի հանէ: Սկսաւ իր երկու ընկերներով աղեղնաձեւ շրջան մը ընել անելանելի ժայռերուն վրայեն, որոնց անդունդներուն վտանգը չէր երեւար գիշեր ատեն, բայց կրնար երեւակայուիլ. շատ ծանր կը շարժէին մեր երեք անձինք, զի երբեմն պէտք կը լինէր ոտք մը, ձեռք մը փոխելու համար հինգ-տասը վայրկեան կենալ եւ խարխափել. վերջապէս ճամփուն վրայ ելան. հոն թէպէտ Կոստանդին կուզեր առաջ անցնիլ, բայց Թորոս անոր յանդգնութենեն կասկածելով ինք առաջ անցաւ, եւ երբ մօտեցաւ նշմարեց չորս հոգի, որ պատնէշեն քիչ մը ասդին պառկէր էին եւ անոր վստահացած հանգիստ քուն կը լինէին:

Մերկ սուրը ձեռքը` Թորոս «Պահապա՛նք, կանչեց, թէ որ քարժիք, կը մեռնիք», ու երբ մարդիկն քունէ արթնցած եւնելու փորձ մը կ'ընէին` «Մի՛ շարժիք, ապա թէ ոչ կը մեռնիք», որոտաց. մարդիկը անշարժ մնացին այս սպառնալեաց առջեւ, երբ նոյն միջոցին Սարգիս ու Կոստանդին զինաթափ ընելով զիրենք, պատնէշը հարթ յատակ կ'ընէին. եւ այս գործողութիւնը այնպիսի աագութեամբ կը կատարուէր, որ քանի մը վայրկենի մէջ մարդիկը անզէն եւ թեւերնին կապպծ մեր կարաւանին հետ խաղաղ, հանդարտ կը քալէին:

Լամբրոնի դղեակը հեռացեր, անհետացեր էր. կարաւանը հասաւ լեռներու գլուխը ծառազարդ խոտաւէտ բարձրաւանդակի մը վրայ, հոն Թորոս Սարգսի հաւանութիւնն առնելով յոգնութիւն մը տուաւ իր խմբին եւ հրամայեց իր չորս կալանաւորները բերել, եւ ինչ որ կ'երեւակայէր` իմացաւ, այսինքն` թէ Լամբրոնի իշխանքը Սարգսին դրած պահապանը բռնած էին, եւ իմանալով թէ հոնկից պիտի անցնէր Սեւ լեռնցուոց խումբ մը, վարի ճամփան քառասունհինգ հոգուով մը պահպանել որոշած էին, իսկ վերեն, ուսկից չէին յուսար, որ համարձակի մարդ հասնիլ, ճամփան խցել եւ չորս պահապան դնել հրամայած էին: Պահապաններն ալ անկարելի համարելով այս օդագնաց շրջանը, հանգիստ եւ ապահով քուն եղած էին:

Ժամու մը չափ յոգնութիւն առնելէ վերջ` դարձեալ տաժանելի ուղեգնացութեան ընկան մեր ճամփորդները. եւ մէկը չէր համարձակէր գանգատ մը մտքեն անցունէի երբ կը տեսնէին Ռուբենի պայազատը, որ անխօս հետեւակ առջեւեն կ'երթար ու ոչ թէ վտանգաց մասնակից, այլ դիմագրաւ կը լինէր: Այսպէս շարունակելով, վերջապէս մօտեցան Կիլիկեան համբաւաւոր կիրճերուն, ուր զօրաց խումբ մը եւ կիսակործան բերդ մը կար, որ թշնամեաց յարձակումն էարդիլելէ աւելի անցորդաց նեղութիւն տալու պաշտօն կը վարէր: Թորոս, որ իր ճամփան կուզեր վարել խաղաղութեամբ եթէ կարելի էր քան թէ անօգուտ կռուելով, զսարգիս յուղարկեց բերդապահ աւազակին, որ քանի մը ոսկուով իրեն ճամփայ տուաւ առանց նեղելու, ի մեծ գայթակղութիւն Կ'ոստանդնի, որ կը զարմանար թէ Թորոս քաջութենէ զուրկ չլինելով ինչպէ՞ս յանձ կառնուր այսպիսի բանագնացութեան մտնել: Բայց Կոստանդին Փիլիպոսի պատմութիւնը չէր կարդացէր, եւ Թորոս կարդացէր էր:

Վերջապէս լեռներու մէջ հայոց գեղեր սկսան երեւիլ, Սարօս գետին վտակներուն վրայ. խստութեամբ արգիլուեցաւ մեր խմբին Թորոսի ո՛վ լինելն յայտնել. մինչեւ Վահկայ բերդն` արծուոյ բոյն, լեռներու մէջ երեւցաւ: Բաբկէն արտասուոք կը նայէր այն բարձանց, որոնց պաշտպանութեան համար այնչափ արեան թափուիլն տեսած էր. քանի՜ անգամ կեանքը վտանգի դրած եւ հիմա օտարներու բնակարան եղած էր…

Անմիջական վտանգը կարաւանին համար թէպէտ հեռացեալ կը կարծուէր, բայց պէտք էր, որ Թորոս յենակէտ մ՚ունենար հրապարակուելեն առաջ, ուստի Կոստանդին, Բաբկէն, Սարգիս եւ վարդապետը խորհրդի նստան. Եւփիմէ նաեւ ներկա էր: Նախ որոշուեցաւ, որ Բաբկէն զեւփիմէ եւ զդիոնիս առած անցնէր Ամասոնի հիւսիսային ծայրը, ուր էր իր բնակութիւնը. Սարգիս առնուր իր երիտասարդները, որոնք իրենց տունը միշտ պատրաստ պիտի գտնուէին առաջին ձայնին ժողովուելու համար հոն, ուր հրաման գա յանուն Թորոսի: Կոստանդին պիտի երթար իր քանի մը քաջակորովները ժողուելու եւ պատրաստ պիտի կենար առաջին փողի ձայնին` հոն, ուր պիտի գտնուէր Թորոս:

Այս խորհրդին վրայ Թորոս բերել տուաւ չորս կալանաւորները եւ հրաման տուաւ իրենց կապերը արձկել եւ ազատութիւն շնորհէի դարձեալ ի մեծ գայթակղութիւն Կ'ոստանդնի. ու երբ երթալու վրայ էինք դարձաւ իրենց ծանր-ծանր եւ որոշ ձայնով սա խօսքերը ուղղեց. «Դուք, որ հայ ազգի զաւկներ էք, մտիկ ըրէք իմ խօսքերս. մտածեցէք, որ ձեր եղբարց արիւնը պիտի մտնէիք եւ անոր համար մահապարտ էիք, եւ մեզի շատ դիւրին էր ձեզ հաւու պէս մորթէի ձեր հայութիւնն է միմիայն պատճառ, որ մենք ձեր ազատութեան, ձեր կենաց խնայեցինք. գնացէ՛ք ձեր Լամբրոնի տէրերոմեւ բարեւ զրուցեցէք, եւ ըսէք թէ Լեւոնի տղան Թորոսը տեսանք, եւ նա երդում կ'ընէր յանուն աստուծոյ ամենակարողի եւ սրտագիտի թէ երբեք մեծութիւն, փառք եւ իշխանութիւն պիտի չլինի իր գործոց նպատակը, այլ իր ազգին օգուտն ու երջանկութիւնը եւ եթէ հայր, եղբայր, զաւակ պիտի համարի ամէն հայ, որ նոյն հոգուով շարժի. իմացա՞ք, հասկացա՞ք ըսածներս, պիտի կարէնա՞ք կրկնել»:

Իսկ մարդիկը աս խօսքերուն վրայ ապուշ դարձած ելան եւ իրենց ճամփան գնացին, վասնզի ըստ ժամանակին սովորութեան նոր էր աս վարմունքը, եւ աս խօսակցութիւնը ոչ միայն աս խեղճ զինուորներուն համար, այլ թերեւս վարդապետին համար նաեւ, որ Թորոսի քով նստած էր: