Թորոս Լեւոնի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Այս տեսարանը կ'անցնէր Վահկայ բերդին շրջակայքը մացառուտ բլրի մը վրայ. առաւօտը շատ հեռու չէր:

Հապա՛, ամէն մարդ իր ճամփան, ըսաւ Թորոս իր խումբին, ասկից տասն օր չեղած, աստուճով կը լսենք փողերուն ձայնը, եւ ամէնքս ալ կը ժողովուինք:

Այս անգամ Եւփիմէ գոհ յանձն առած էր բաժանուիլ իր փեսեն ուստի պագտուիլեն վերջ իրեն հետ, դարձեալ անոր օգնութեամբ հեծաւ ջորուոյն վրայ Դիոնիսի ընկերութեամբ, շրջապատեալ Բաբկէնեն եւ նորա տղոցմեն` շտկուեցաւ դէպի Սեւ լեռը, ուր առջեւեն քիչ մը հեռուանց կ'երթային Սարգսի խումբը, քանի մը ժամուան ճամփայ հազիւ կը բաժնէր սիրենք իրենց գիւղեն: Թորոս քիչ մը աչօք ընկերանալեն վերջը իր հարսին, որ գիշերուան ստուերներուն եւ ծառերուն մէջ ծածկուեցաւ, շուրջը նայեցաւ, որ Կոստանդին եւ վարդապետը միայն մնացեր էին:

Ուստի Կոստանդնին ալ բարի յաջողում մաղթեց, որ իր քաջերը առաջին ձայնին բերել խոստանալով` Վահկայ արեւելեան կողմի ժայռերուն մէջ անհետացաւ: Երբ երկու հոգի մնացին` դարձաւ վարդապետին ու ըսաւ.

Հիմա, հայր սուրբ, մեր երկուքին կը մնա խսդիրը, դու` քու ասորի մետրապոլիտդ աւելի ապահով կը համարիս եւ անոր վրայ աւելի վստահութիւն ունիս, քան թէ մեր հայ եկեղեցականաց:

Ո՛Յ իշխանդ, ըսաւ վանահայրը, իմ միտքս սխալ հասկցեր ես. ես մեր եկեղեցականաց վրայ վստահութիւն չունիմ չըսի, այլ թէ հիմա, հոռոմները, մեր վրայ կասկած ունենալով շարունակ խուզարկութեան վրայ են եւ մեր վանքերն ու անապատները տակնուվրայ կ'ընեն, երբ, ընդհակառակն, Ասորուոց վանքը օտարին վերաբերելուն ամենեւին իրենց կասկածի տեղի չի տար. դու քու դիտողութիւններդ ընելու համար հոն հանգիստ առանձնարան ունիս, հիմա զանխուլ ճամփաներէ քեզի հոն կ'առաջնորդեմ եւ կը տեսնես թէ ասորի եպիսկոպոսը ինչպէս գոհ պիտի լինի Լեւոնի տղան տեսնելուն, վասնզի քու հօրդ եւ հօրեղբօրդ պաշտպանութեամբ կրցեր է իր վանքը շինել, եւ ձեր իյնալեն վերջը շատ զրկումներ քաշէր է հոռոմներէն:

Երթանք ուրեմն:

Մեր երկու ճամփորդներն սկսան իրենց շահատակութեան ընդ ժայռ եւ ընդ մացառ, լուռումունջ կ'երթային, գետ եւ վտակ երբեմն զիրենք կը զովացնէր եւ վերջապէս Ամանոսի էն բարձր գլուխները գտան` երկու ժամ շարունակ երթալեն վերջ. հոնկից շրջակայ վանքեր, գիւղեր, անառիկ բերդեր իրենց ոտքին առջեւ կ'երեւային իբրեւ ողորմելի ոչնչութիւնք, եւ այսպէս երկու ժամ ալ դեռ քալելեն ու քիչ մը իջնելեն վերջ դէպի հարաւի հասան ժայռերու մէջ բերդանման վանք մը, որուն դռները չէին բացուէր, վասնզի մեծ խստութեամբ արգիլեալ էր առանց մեծաւորին հրամանին դուռ բանալ. ուստի երկայն բանագնացութենէ վերջ նախ վարդապետը վեր առին, եւ քառորդէ մը վերջը դռները բացուեցան նաեւ Թորոսի: Ծեր մետրապոլիտը, երբ զթորոս տեսաւ, աչվները արցունքը լցուած, ձեռքերը երկինք տարածելով փառք կ'ուտար աստուծոյ, որ Թորոսի ամենանման եղբօրորդի մը յարուցեր էր, ի փրկութիւն հայ եւ ասորի եկեղեցեաց, որք միայն խաղաղութեամբ կ'ապրէին եւ յանուն Քրիստոսի զիրար չէին բզկտէր: Եւ ինչպէս ծերերու սովորութիւնն է միշտ անցեալին վրայ անսպառ խօսիլ եւ պատմել, նոյնպէս մետրապոլիտն Աթանաս կը պատմէր թէ քանի անգամ Վահկայ բերդը գնացեր էի զլեւոն եւ զթորոս տեսնելու, եւ թէ նոքա ինչպէ՞ս սիրով զինք ընդունած էին եւ իր խնդիրքները կատարած, թէ դրամական օգնութեամբ եւ թէ պաշտպանութեամբ ընդդէմ անհաւատից, յունաց եւ լատինաց. Բայց վերջապէս մտածելով թէ մեր ճամփորդներն տաժանելի ճամփէ մը կ'ուգան` հրաման տուաւ իրենց կերակուր եւ սենեակ տալ, եւ այսպէս Թորոս քիչ մը հանգստանալեն վերջ, երբ ծեր եպիսկոպոսին ներկայացաւ` նա սկսաւ իրենց հարցնել թէ ի՞նչ էր իր դիտաւորութիւնը եւ գործերու յատակագիծը: Թորոս իմացուց թէ իր յատակագիծը պատրաստելու համար իրեն հիւր եղած էր, եւ թէ կուզեր բոլոր շրջակայքը պտտիլ, ամէն տեղ ճանչել եւ ուսնիլ եւ ըստ այնմ գործի սկսիլ: «Ուստի, ըսաւ, ես ձեզմէ քանի մը այծ եւ հովուի մը զգեստ կ'ուզեմ, որ առանց թշնամի կասկած յարուցանելու կարէնամ իմ դիտողութիւնքս ընել»:

Եպիսկոպոսն ալ այսպէս աժան ազատելուն վրայ ուրախ` մէկեն ուզածն իրեն շնորհեց, եւ ահա մեր Թորոսն գէուխը հովուի գդակ եւ վերարկու մը վրան ձգած մինակուկ լեռն ու հովփա կը պտտէր, եւ թէ որ իր այծերը բերդորէից շրջակայ խոտերը եւ թուփերը կը սիրէին, զարմանք չէր:

Կը մտնէր երբեմն գիւղեր, կը տեսնէր հայ ժողովրդեան մռնչիւնը ընդդէմ նախատող եւ հարստահարող յոյն վարձկանաց, կը լսէր անոնց հայհոյութիւնքը ընդդէմ հայ հաւատոց, կը տեսնէր իրեն ծանօթ հայրենի կալուածները յափշտակող յոյն իշխանաց գոռոզ ամբարտաւանութիւնը, եւ այսպէս ութ օր դիտելով, զննելով, Ալեքսանդրիս ծոցեն մինչեւ Ամանոսի հիւսիսային ծայրերը շրջագայեցաւ, քայլ առ քայլ զրեթէ նշանելով մտքին մէջ ծառ, թուփ, ժայռ, բլուր, լեռ, բերդ, աւան, գիւղ եւ աւերակ: Ամէն տեսակ մարդ, ճամփորդ եւ աւազակ, կողոպտող եւ կողոպտեալ իր առջեւեն կ'անցնէին, ամէն ազգ հայ, ասորի, յոյն, արաբ եւ թուրքմէն իր շուրջը կը պտտէին: Իսկ անտարբեր հովիւը անխօս եւ անշշունջ Մաթիանու հովուքէն պէս, որ իր ժողովրդեան փրկութիւնն կ'երկնէր` կը շարունակէր իր ճամփան խորհրդածելով, եւ այսպէս հասաւ Ամուտայ բերդին ստորոտը, իր այծերուն ընթացքը ուղղելով դէպի վեր, դռան հակառակ կողմեն տեսաւ պատուհանի նման ծակ մը պարսպին վրայ, որ ժայռին վրայ հաստատուած էր, այդ անառիկ բերդին ջրի մը ճամփայ լինել մակաբերեց հօրդ անձրեւներուն ժամանակ, կամաց մը փորձ փորձեց եւ տեսաւ թէ հանգիստ կրցաւ անցնիի թուփերը, որ ծակին երկու կողմերը ծածկէր էին, գգուշութեամբ իր գաւազանով բաժնեց եւ բերդին մէջ շարունակեց իր ելքը, ու երբ երեք-չորս մարդաչափ բարձրութեամբ վեր ելաւ, հասաւ ծառազարդ գեղեցիկ հողաբլուր մը, եւ քիչ մը անդին վայելուչ պալատանման բնակարան մը բերդին իշխանին. ծառերու մէջ ծածկուած կը դիտէր տղոց խաղալը, կը լսէր կանանց եւ ծառայից ձայները, եւ թէ որ խոհեմութիւնն իւր բնական առաքինութիւններէն մէկը չլինէր եւ չգիտենար սանձել իւր քաջութիւնը, կրնար մինակուկ ամրոցին տիրանալ, բայց անխոհեմ բան մը չընելու համար նոյն զգուշութեամբ, որով մտէր էր ներս, իջաւ փոքրիկ հեղեղատը եւ առանց թուփերուն վնասելու ելաւ դուրս, եւ շուտ մը իր այծերն ալ հեռացուց հոնկից, ինչպէս ագահ մը իր գանձը թաղած տեղ են ամէն ոտից հետք կը ջանայ հեռացնել: Կը մնար իրեն իմանալ թէ ի՞նչ էր անունը եւ ո՞ւմ կը վերաբերէր այդ բերդը: Ուստի աչքը սկսաւ պտտցնել եւ տեսաւ շրջակայ բլրոյ մը ստորոտը քանի մը ցանեւցիր տներ եւ մէկ հատ մը` ամենեն հեռաւոր, հոն իր փոքրիկ հոտին հետ շտկուեցաւ եւ զանոնք թուփերուն մէջ ցրուելեն վերջ` վայելուչ տղայ մը տեսաւ տասը-տասներկու տարեկան, որ կասկածոտ աչօք թրեն կը նայէր եւ պատրաստ էր անհետանալու, պէտք էր բան մը զրուցել, եւ Թորոս տղուն անուշ ձայնով մը`

Ջուր մը տո՛ւր ինձ, տղաս, ըսաւ:

Հիմա, պատասխանեց տղան եւ ներս վազեց:

Իսկ Թորոս իբր յոգնած նստաւ տունեն քիչ մը հեռու, եւ երբ տղան երեւցաւ իր փայտափոր ջրի ամանով` լաւ մը խմելեն վերջը`

Սիրուն տղեկ, ըսաւ, աստուած քեզ օրհնէ, դու որո՞ւ տղան ես:

Վարոսենց Բաբկէնին:

Քու հայրդ նոր հասաւ, այնպէս չէ՞:

Այո՛, դու կը ճանչե՞ս զինքը:

Իմ շատ բարեկամս է, հիմա ո՞ւր է, նե՞րսն է:

Այո՛, եթէ կ'ուզես, կանչեմ:

Լաւ՛ կանչի, որդեակ:

Տղան ներս գնաց. եւ քիչ մը ետքը Բաբկէնին խիստ դէմքը երեւցաւ, որ երբ զթորոս տեսաւ այդ հովուական հագուստով` յեցեալ իր ահագին գաւազանին վրայ` ըսաւ.

Աստուած քեզ օգնական լինի, իշ…

Բաբկէն հայրիկ, վրայ բերաւ Թորոս, քեզհետ առանձին խօսել կ'ուզէի:

Լաւ, շատ լաւ: Գրիգո՛ր, ըսաւ տղուն, որ դռան քով կեցէր կը նայէր, դու ներս գնա. եւ երբ տղան հեռացաւ`

Ինչպէ՞ս հոս եկար, իշխանիկս, ըսաւ, ինչպէ՞ս իմ տունս գտար:

Դիպուածով. միայն ինձի զրուցէ, ինչպէ՞ս է Եւփիմէ, ինչպէ՞ս էք դուք:

Փառք աստուծոյ, արժանի չէի, Տիրուհին հանգիստ է եւ ուրախ, ամէնքը ողջ-առողջ գտայ, իրաւ շատ նեղութիւն քաշէր են իմ երթալես վերջը, իմ խեղճ Շուշիկս որբերը մեծցուցեր է տառապանոք. բայց տղաքը քանի մեծցեր են հանգստութիւնը եկեր է. գերութեան հանգստութիւն. ինձմէ ալ բոլորովին յոյսերնին կտրէր են, ննջեցելոց կարգը անցուցեր են: Բայց դու, իշխանիկս, ի՞նչ կ'ընես աս հովուի հագուստներով. չի՞ս մտնէր ներս, իմ տունս չի՞ս պատուիր:

Բաբկէն, չեմ ուզէր ճանչցուիչ, դու ինձի կրնա՞ս զրուցել թէ ինչ է սա բերդը:

Ամուտայ բերդն է:

Ո՞ւմն է. ո՞վ է հիմկու տէրն:

Այս Ամուտայ բերդը քու հօրեղբայրդ Թորոս իշխանը, Ապըլղարիպ Պիրի իշխանին պարգեւ տուաւ, երբ փռանգները զինքը իր երկրեն ղրկեցին յափշտակութեամբ եւ երբ փախստական` անոր ապաւինեցաւ: Հիմա մեր գերութենեն վերջը հոռոմ իշխան մը տէր եղեր է բերդին եւ կը բնակի իր ընտանեօք:

Ինչչա՞փ բերդապահ կայ, կրցա՞ր իմանալ:

Ո՛չ իշխանս, այդ չհարցուցի: Ե՛կ աս գիշեր մե՛զ մնացիր, մեր տղաքը կ'ուգան տեղն ի տեղ կ'իմանանք: Թէ որ Տիրուհին ետքը իմանայ, որ օր մը մինչեւ այս դուռը եկար երբ ինք ալ այս մեր տնակը կը բնակէր եւ ներս չի մտար` շատ կը տխրի:

Բաբկէն, տղու պէս կը խօսիս. դու գիտես, որ ես նախ մեծ գործ, ետքը ուրիշ ամէն բան դրած եմ. շաբաթ մ՚է ճիշտ այսօր, որ ես հարկի տակ չեմ պառկէր վախես, որ Աղայ թէ յանկարծ ժամանակեն առաջ մատնվիմ…

Բաբկէնի խօսք վկա՜յ թէ մարդ չիմանար թէ դու աս գիշեր հոս անցուցեր ես. տղաքս մէկուն խօսք չըրին` քու անունդ անգամ չաւին ան օրէն, ուր իրարմէ բաժնուեցանք: Ես եկայ, քանի օր է անեն դուրս չեմ ելած, որ յանկարծ համբաւ չի տարածուի, եւ հոռոմները չարթննան քու գալուդ համար: Գրիգոր միայն առաջին անգամ քեզի տուեր է իմ անունս: Տիկինն ու Դիոնիս գիշերներն միայն դուրս կ'ելնեն օդ շնչելու համար: Եկ, իշխանիկս, ուրախացո՛ւ Բաբկէնի տնակը:

Լաւ, Բաբկէն, քու կամքդ թող կատարուի:

Եւ դռնեն ներս մտաւ. Բաբկէնի ցցուց ձեռոք իր հինգ-վեց ասյծերը, որ կ'արածէին. եւ նա կանչեց զգրիգոր, որ քշեց բերաւ այծերը` գոմը փակեց:

Բաբկէնի տունը թէեւ պալատ մը չէր, բայց բնական դիրքովն ու օդով ախորժելի բնակարան մ՚էր բլրակի մը ստորոտը շինուած, մէկ կողմը ահագին խորաձորի մը վրայ կը նայէ՛ր, ուր կենդանի ջուր մը ժայռերու վրայեն շառաչմամբ կ'իջնէր, բլթակը եւ տնակը ծածկուած էին զանազան պտղատու ծառերու ճիւղերուն եւ տերեւներուն մէջ, եւ որոնց շուքին տակ գետնեն ութ-տասը կանգուն բարձրութեամբ տախտակամած մը կար ընդարձակ, պարզ փայտէ նստարաններէ շրջապատ եալ եւ վանդակապատ, որ ամառ գիշերներ ննջարանի համար նաեւ կը ծառայէր այդ տաք երկիրներու մէջ:

Ճիշտ նոյն ժամուն ալ Շուշիկ իր երկու աղջկանց եւ Եւփիմէի հետ տախտին վրայ ելած նստած էին: Եւփիմէ իր առնացի զգեստները թողած, իւր սեռինները հագած իրօք թագուհի մը կ'երեւէր, եւ թագուհուոյ մը պատիւ կ'ընդունէր այդ լեռան բնակիչներէն, որոնց սիրտը իրենց հօրը անկարծելի դարձին համար անպատմելի ուրախութեամբ եւ շնորհակալութեամբ զեղուն էր, եւ այդ տիկնոջ համար Թորոսի եւ իրենց հօրը ազատարարը լինելն դիանալով` երախտագէտ ակնածութեամբ եւ յարգանօք կը մօտենային իրեն` իբրեւ գերագոյն էակի մը: Իսկ Եւփիմէ անոնց գեղեցիկ պարզութեան վրայ կը զարմանար, այդ սեւ, լայն, նշաձեւ աչքերուն կրակը կը դիտէր, որոնց մէջ թէպէտ լեռնային ազատութեան հոգին կը փայլէր, բայց սքանչելի հլութիւն մը ունէին ծնողական հրամանաց, սեւ ոպնիազէ մազերնին բարակ եւ խիստ հիւսքերը ուսերնին բոլոր կը պատեր, եւ պարզ գունաւոր կտաւէ հագուստ մը անոնց երկայն եւ ճոխ հասակին միակ զարդարանքն էր:

Երբ Բաբկէն իր հովիւ ընկերը առած տախտին մօտեցաւ, արդէն արեւը քաշուած եւ մութը սկսած ըլլալով հազիւ թէ կերպարանքները կ'որոշուէին. ուստի աղջիկներն իրենց հայրը տեսնելով ոտք ելանք Եւփիմէ տեսնելով զբաբկէն, որ անծանօթի մը հետ վեր կ'ելնէր, անտարբեր նայուած մը ձգեց եւ դարձեալ աչքերը ջուրին սահանքին վրայ դարձուց, երբ միտքը իր Թորոսին վրայ կը պտտէր: Իսկ երբ անծանօթը ձեռքը իր լայն կուրծքին վրայ դնելով անձայն ողջունեց եւ եկաւ Եւփիմէի մօտ նստաւ, ան ատեն Եւփիմէ զայրագին եւ դիտող աչքերը դարձնելով այս համարձակութեան վրայ, նորա երեսը նայեցաւ եւ զթորոս տեսաւ. փոխուեցաւ բոլորովին եւ ուրախութեամբ ցատկեց ու վփզը փաթթուելով`

Այս ի՞նչ կերպարանք է, կ'ըսէր, այս ի՞նչ փոփոխութիւն:

Իսկ Թորոս կատակելով իրեն կ'ըսէր թէ` «Պէտք էր մոռնալ ազնուապետական գաղափարները, որ Տորոսի ռամկական եւ ազատ լեռանց վրայ ազդեցութիւն չունէին, եւ թէ երբ Եւփիմէ անգործ նստած էր, ինք Թորոս այծ արածելով` գիշերները բացօթեայ կ'անցնէր»:

Կատակը մէկդի՜, ինչչա՞փ ժամանակ դեռ աս կեանքը պիտի տեւէ:

Դեռ մինչեւ վաղն իրիկուն:

Անկից վերջը՞:

Անկից վերջն զքեզ այս վայրենի լեռանց իշխանուհի պիտի հրատ արա կեմ:

Իսկ հիմա՞:

Կերակուր պիտի ուտեմ քեզի հետ եւ պիտի երթամ:

Գիշերո՞վ:

Գործի մարդուն համար գիշեր եւ ցերեկ զանազանութիւն չունին: Բայց ո՞ւր է Դիոնիս:

Հոն վարը` սա ժայռին վրայ նստած կը խորհրդածէ ջուրին սահանքը դիտելով: Հայրի՜կ, հայրի՛կ, ե՛կ:

Սեւ շուքը շարժեցաւ, ելաւ եւ սկսաւ դէպի տախտը գալ. եւ տեսնելով զթորոս իւր ուրախութիւնը յայտնեց ու նստաւ: Ընտանիքը մէկ կողմեն կ'ամբողջանային, մեծ տղայքն ալ եկան եւ յարգանօք ողջունեցին զթորոս եւ իրենց ծնողքը: Բաբկէնի ուրախութիւնը մեծ էր, պատուական մարդը չէր կրնար նստիլ, վասնզի իր իշխանիկը իրեն հիւր էր, եւ որ իրեն ծանր կը թուեր` կը տեսնէր թէ ամբողջ գիշեր մը նաեւ իր տունը պիտի չկենար: Բայց տղայ տարիքեն սովրած էր իշխաններուն չընդդիմանալ, ուստի ալ չի համարձակեցաւ բառ մ՚աւելցնել: Իսկ Թորոս` «Բաբկէն հայրիկ, զյրուցեց, այս տղաքը Սարգսին տունը գիտե՞ն, կարելի է զինքն հոս բերել տալ հիմա»:

Հիմա, իշխան. տղա՛ք, մէկերնիդ շուտ մը գնացէք ըսէք Սարգսին իմ կը սղմես, որ հոս գա:

Տղուն մէկը թռաւ՛, շուտ մը անհետացաւ, երբ աղջիկները տախտին մէջտեղի կախուած կանթեղը վառեցին եւ սեղանը կը պատրաստէին` կերակուրը չեկած Սարգիս եկաւ, եւ ամէնքը նստան կերակուրի: Սեղանին վրայ Թորոսի անսովոր զուարթութիւնը ամէնուն սիրտը ուրախութեամբ լցուց, եւ Եւփիմէ քանի մը անգամ կրկնեց թէ անտարակոյս առանց պատճառի չէր իր փեսին այս զուարթութիւնը:

Երբ սեղանեն ելան` Բաբկէն ամէնը հեռացուց տախտեն Թորոսի ակնարկութեամբ. Եւփիմէ, Դիոնիս, Բաբկէն եւ Սարգիս միայն մնացին. հոն Թորոս դարձեալ կրկնեց այն հարցմունքը.

Ամուտայ բերդին տէրը ո՞վ է:

Զենոն անունով յոյն իշխան մ՚է, քեռայր Մամեստիոյ յոյն իշխանին:

Ինչչա՞փ բերդապահ զինուոր ունի ներսը այդ իշխանը:

Քսան-քսանհինգ հոգի մը կ'ելնեն ընդամէնը, նոյնչափ մ՚ալ ծառայք կան, որ թէ պէտք լինի կրնան զինուել, եւ բերդին անառիկ դռիցը եւ պատերու ամրութեանը նայելով, բաւական` մանաւանդ թէ շատ ալ են:

Լաւ՛, ըսաւ Թորոս, վաղը մեր հայու տղաքներէն պատրաստ զին եալ քսան հոգի կրնա՞ն ժողովուել անձայն, անշշունջ:

Ես քսան հոգի կրնամ ժողուել:

Բայց լաւ՞, ընտրեա՞լ եւ կորովի:

Լաւ՛, ընտրեա՛լ եւ կորովի՛:

Կ'ոստանդինեն լուր ունի՞ք:

Կոստանդին այս առաւօտ տղայ մը ղրկէր էր ինձի, քու վրադ լուր կը հարցնէր, եւ ինձի կ'իմացնէր թէ յիսուն չափ մարզիկներով պատրաստ էր երեւալու, ե՛րբ եւ ո՛ր ժամ իրեն լուր ղրկուէր Կարմիր վանաց աւերակները, որուն շրջակայքը կը գտնուէր:

Վաղը ճիշտ կէսօրին դու հոս գտնուի քու քսան մարդիկներովդ, բայց ոչ ժամ մը առաջ, ոչ ժամ մը ետքը. նոյնպէս Կոստանդնին ալ լուր ղրկէ նոյն ճշտութեամբ Ամուտայ բերդին մեծ դռան առջեւ ճիշտ կէսօրին գտնուիլ, բայց ճիշտ:

Լաւ՛:

Քեզ տեսնեմ, Սարգիս, պէտք է ճիշտ լինիլ:

Իմ ճշտութեանս վրայ մի՛ կասկածիր, իշխա՛ն, բայց…

Ի՜նչ:

Այսինքն, եթէ համարձակութիւն տայիք, այն պիտի ըսէի թէ Ամուտայ բերդը վերջի ձգելու բան մ՚է:

Դու պիտի չերթաս Ամուտայ բերդին վրայ, եւ Կոստանդին յարաձակում պիտի չընէ. այլ կէսօրին, ճիշտ կէսօրին հեռուեն իր խմբով մեծ դռան առջեւ պիտի կանգնի:

Սարգիս ալ պատասխան չի տուաւ, եւ Թորոս աւելցուց.

Ուրեմն, իմ քաջ Սարգիս, գնա եւ պատրաստուի:

Երբ Սարգիս գնաց, Բաբկէնին դարձաւ`

Աւելորդ է քեզի ալ զրուցել թէ պատրաստ ինձի պիտի սպասես հոս` քուկիններովդ:

Յայտնի բան է, պատասխանեց Բաբկէն:

Ան ատեն «Մնաք բարեաւ» ըսելով եւ Եւփիմէի, եւ ամէնուն, իր հովուի գլխարկը եւ ցուպը առաւ, իր այծերը առջեւ ձգեց եւ ասորուոց վանքին ճամփան բռնեց, ուր հայ վարդապետը եւ ասորի մետրապոլիտը սկսէր էին կասկածիլ իր ուշանալուն վրայ: Եւ երբ կէսգիշեր անցած հասաւ, դուռը զարկաւ, երկայն արարողութիւնները կատարելով դուռը բացին եւ ներս առին զինքն ու այծերը: