Թորոս Լեւոնի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Թորոս Եւփիմէի վերջին կամքը կատարելու մտադիր էր միշտ, Հեթում, որ իր աչքին առջեւ կը մեծնար` յարմար փեսայ մը կ'երեւէր. հայ գիտնական վարդապետ մը եւ յոյն ուսումնական մարդ մը կ'աշխատէին գլուխը հարստացնելու գիտութեամբ, եւ զինավարժութեան համար Բարձրբերդի Կոստանդինն էր կարգեալ յիշխանեն զինք մարզելու: Իսկ ինք Թորոս կը խոսէր երբեմն հետը, զանազան նիւթերու համար հարցմունքներ կ'ընէր, եւ առանց իր սխալ կարծիքները ուղղելու` իմաստուն հարցմունքներով տղուն իրեն ուղղել կ'ուտար նոյն սխալները: Բայց դժբախտաբար կը տեսնէր թէ ընտանեկան հոգին, որ յունական էր` խոր արմատ ձգած էր դարձեալ նորա սրտին մէջ, դաստիարակութիւն եւ ուղղախոհութեան զօրութիւն հազիւ կրնային հակակշիռ մը կազմել այն կաթին հետ շամբեալ գաղափարաց հետ, որք Լամբրոնի իշխանքը ազգային շրջան են դուրս կը հանէին եւ յունական համակրութեանս կողմն կը ձգէին:

Միւս կողմեն Գոհար թէպէտ փոքր բայց ինչպէս դիտուած է, որ աղջկունք կանխահաս են մտաց կարողութիւններով, ամենեւին ետ չէր մնար Հեթումեն, եւ բնական բերմունքով հետաքրքիր բնաւորութիւնը շարունակ հարցմունքներով գոհ ընել կուզեր: Եւ որ զարմանալին է, հօրը պատասխանները զինք աւելի գոհ կ'ընէին, երբ իր վարժապետաց պատասխանները մութ էին իրեն համար: Ուստի տղաք երկուքն ալ օրաւուր մեծնալով թէպէտ թարմ հասակնուն մէջ` յարմար սեպեց Թորոս իրենց հարսանիքը կատարել ի Մամեստիայ, որ իր առաջին յաղթութեանց եւ Եւփիմէի ուրախ-զուարթ յիշատակներով լեցուն էր. եւ որովհետեւ Օշին իր փրկանաց գինն չէր կրցած վճարել, այն ալ իր մէկ հատիկ զաւկին օժիտն համարեց արքայաբար, եւ հոնկից հարսն ու փեսան ուղեւորեցան ի Լամբրոն:

Լամբրոնի տեարքը, միշտ կայսեր հաւատարմութեան դրօշակակիրք լինելով աւանդաբար յորդուոց յորդի, այս Ռուբենի փափուկ շառաւիղը, յանկարծ բոլորովին օտար երկրի, օտար կլիմայի տակ փոխադրուած բոյս մը դարձաւ, ամէն բան, ամէն գաղափար, ամէն խօսակցութիւն նոր էին իրեն համար. ի՛նչ որ յարգել սովրէր էր իր հայրենի տունը` հոս արհամարեալ կը տեսնէր, ինչ որ հոն սուրբ էր` հոս ծաղրելի էր: Բայց որ իւր սրտին ամէն բանէ առաջ ծանր կը թուեր, այն էր, որ պարզ համարձակութիւնը, որ հայրենի տան մէջ սովորական էր, հոս բոլորովին ընդհակառակն սանձահարեալ կը տեսնէր. հոս անմեղ ծիծաղը նաեւ գաղտնի պէտք էր լինիլ, վասնզի խոժոռ երեսներ կային, որ տխրութիւնը իրենց շուրջ օրէնք ըրած էին: Այս բերդիս մէջ նոր հարսին ամէն շարժմունք, ամէն խօսք քննութեան եւ յանդիմանութեան առիթ մ՚էր: Փեսան պէտք էր լինիլ իր միմիայն ապաստարանն ու սրտակիցը, բայց ան ալ ինքզինքն հոս աւելի ճնշեալ կը գտնէր, քան թէ Վահկայ բերդը, ուր աւելի համարձակ եւ ընտանի էր Թորոսի քան իւր հօր` Օշնի հետ: Կը հանդիպէր նաեւ երբեմն, որ Լամբրոնի դղեկին մէջ ծանր եւ նախատական ակնարկութիւններ կը լինէին Թորոսի եւ Ռուբինեանց յիշատակին, որ հարսին սիրտը ծանր կը վիրաւորէին. բայց նա թէպէտ թարմ հասակի մէջ իբրեւ անզգայ չիմանալու կը զարնէր: Այսպէս տխուր կ'անցնէին իրեն համար ամիսները, երբ մեծ պատրաստութիւնք իրեն իմացուցին, թէ ի Լամբրոն Թորոսի այցելութիւնը կը սպասուի: Հօրը տեսութիւնը ձմեռուան տխուր օրերու ճառագայթ մը եղաւ խեղճ աղջկան համար, թէպէտ արարողութիւնք կ'արգիլէին զաւկին նոյն համակրութիւնը ունենալ հօրն հետ, ինչ որ առաջ. բայց Թորոս, որ Բիւզանդական կայսերութեան արարողութիւնքն աւրշտկէր էր բոլոր Կիլիկիա տակնուվրայ ընելով, այդպիսի պառաւական կապերու առջեւ չէր կրնար սանձահարիլ. ուստի աղջիկը առաւ քովը, խօսեցաւ ամէնուն առջեւ անտարբեր եւ երթալու ատեն առանձին սենեկի մը դռան մէջ կենալով` որպէսզի ամէնքը զինքը տեսնեն բայց ձայնը չի լսեն` «Զաւակս, ուրախ եղիր, զուարթ եղիր, հայրդ զքեզ չէ մոռցեր, եւ չի կրնար մոռնալ», ըսաւ եւ գնաց: Որովհետեւ առջի նայուածքը ըսէր էր Թորոսի, թէ իր աղջիկը երջանիկ չէր:

Թորոս Լամբրոնի իշխանաց յունամոլութենեն գոհ չէր, բայց իր մեծ սիրտն մարդկային տկարութեանը բաժինն հանել եւ ներել գիտէր. գիտէր թէ անոնք ամէն բան ի կայսերաց ստացեալ, բնական էր իրենց հաւատարմութիւնն, բայց չէր կրնար ներել ամէն օր իր անձին եւ իր պետութեան դէմ նիւթած որոգայթներուն, որ ազգին դէմ մատնութիւն կը համարէր. գիտէր թէ Մաղսուտ սուլթանին եւ կայսեր բանագնացութեանց գործիք շատ անգամ եղած էին, թէպէտ առանց երեւալու. գիտէր թէ Ռընալտի իրեն դէմ գրգռութեան դարձեալ գործիք եղած էին, թէպէտ Ռընալտի խօսքերուն հաւատարմութիւն չունէր: Իսկ կայսեր իր վրայ յարձակման ժամանակ յայտնի իրենց գունդերով հոն էին լամբրոնացիք, թէպէտ բոլոր այս գործողութեանց ատեն իրենց Հեթումն պատանդ էր իր քով: Իսկ հիմա նոր ի ձեռին ունէր առ Նուրետտին գրուած թղթեր` գրգռելու համար զանի իրեն դէմ, եւ այս` իր մէկ հատիկ աղջիկը իրենց զաւկին հետ հարսնացնելեն վերջ: Ուստի այս անգամ ալ արհամարհելու պատրաստ էր այս փոքրիկ եւ անարգ բանսարկութիւնները, բայց իր զաւկին տխուր տեսութիւնը, այն զաւկին, որ մօրը սիրելի յիշատակին գրաւականն էր, իր սիրտը դառնութեամբ լցուց եւ երդուաւ, որ այդ Լամբրոնի ամբարտաւան դաւաճանութիւնը խորտակէ եւ չուշացնէ:

Բայց իբրեւ շրջահայեաց մարդ պէտք էր նախ զաւակը անոնց ճիրաններէն ազատել, վասնզի իւր կամօք եւ միամտութեամբ անոնց պատանդը ազատէր եւ իրենը պատանդ տուեր էր, որ միայն իր Եւփիմէին վերջին նուիրական կամքը կատարելու, այլ նաեւ ընդհանուր եղած քաղաքականութեան կանոնով, որ խնամութեամբ զինաթափ ընել կը կարծե թշնամին եւ բարեկամական կապով կը միացնէ: Ուստի իր պատերազմական մտքերը չի յայտնած աղջիկը ազատելու հնարք մը մտածեց:

Հօրը այցելութենեն վերջը, Գոհար իբրեւ յանցաւոր մը մնաց, եւ ամէն աչք թէպէտ զգուշաւոր, բայց երկդիմի ակնարկ մը իրեն կը ձգէին. Շահանդուխտ` իր կեսուրը` թէպէտ լաւ սիրտ ունէր, բայց կռուելու չափ այն բնական դարձած ատելութեան դէմ, որ ունին կեսուրք իրենց հարսերուն, բարձր սիրտ չունէր, ուստի կամ նայուածքով մը, կամ բառով մը խեղճին սիրտը կը թունաւորէր: Իր Հեթումը ինչպէս ըսինք, որ միակ մխիթարութիւն պիտի լինէր` շատ հեռու էր այն սիրտը ունենալեն, որ հասակեն աւելի վեր գտնուելով, այսպիսի դիրքի մէջ պաշտպանութեան վահան կը վիներ:

Երբ այսպէս գիշեր մը` ընթրիքեն վերջը` ուր խիստ ակնարկութիւններ կը լինէին իր հօրը դէմ եւ հօրեղբօրը Ստեփանէի անունը տրուեցաւ անարժան կերպով, Գոհար, երբ ինքզինքը` մանաւանդ թէ արցունքները կը զսպէր, կեսուրը հարսին դառնալով եւ չափաւորեալ խստութեամբ

Զաւակս, ըսաւ, դու դեռ տղայ ես, այն օրէն, որ աղջիկ մը հարս կը լինի, ալ իր տունը եւ անոր պարագայքը ոչ միայն պէտք է ուրանայ. այս այլայլութիւնդ ալ մեծ ամօթ է:

Գոհար պատասխան չի տալով, թաշկինակը երեսին եւ աչքերուն վրայ սեղմելով հազիւ իր սենեակները ինքզինքը ձգեց, եւ հոն քիչ մը հեկեկալեն վէըջը իր պատուհաններուն վրայ բացուած փոքրիկ ծաղիկներու պարտէզը ելաւ. նոր լուսնին աղօտ լուսաւորութեամբ շարժմունք մը եւ ստուեր մը տեսաւ, եւ երբ սոսկումով ետ պիտի փախչէր`

Ո՛վ իշխանուհի, ըսաւ ստուերը, հօրդ` Թորոս իշխանին կողմեն կ'ուգամ քեզի:

Հօրը անունը լսելուն պէս, խեղճ աղջկան սոսկումին տեղ յոյս մը երեսին ծագեցաւ:

Հօ՞րս կողմեն:

Այո՛, հօրդ հրամանն է, որ վաղր կէսօրին ճիշտ, երբ կերակուրի իջնեն ամէնքը` դու նոյն միջոցին բերդին վերի դուռը ելնես, եւ նշան այս թուղթը տուաւ, զրուցեց եւ զարմանալի արագութեամբ վանդակին եզերքը բռնելով այն պատին ահագին բարձրութենեն սկսաւ վար իջնել, իբր թէ սանդուխ մը դրուած լինէր: Գոհար շփոթած այս գործողութենեն թուղթը ձեռքը ծռեցաւ եւ կը նայէր պատանուոյն, որ կ'իջնէր անխռով, մինչեւ որ վար հասնելը տեսաւ: Այն ատեն սիրտը հանգստանալով թուղթը ձեռքը ներս մտաւ եւ կանթեղին մօտենալով այս բառերը կարդաց. «Մտիկ ըրէ եւ լռէ. Թորոս»: Հօրս ստորադրութիւնն է. ուրեմն «Հաղը կէսօրին` ճիշտ կերակուրի ժամանակ` բերդին վերի դուռը» պէտք է ելնել… ո՛հ, իմ սիրելի հայրիկս զիս չէ մոռցեր. իմացեր է, որ ես հոս մարտիրոս կը լինիմ… Եւ ինք ինձի ըսաւ` «Հայրդ զքեզ չէ մոռցեր եւ չի կրնար մոռն ալ…», բայց Հեթո՜ւմ… զիս կը սիրէ, այո՛, կը սիրէ, բայց իմ հօրս պէս հայր մը պէտք էր ունենալ… իմ խեղճ մայրս թէ որ ողջ լինէր հիմա եւ իմանար իմ հոս քաշածս… ինչ պիտի ընէր, իմ հօրս պիտի զրուցէր եւ թերես այդ պատանին, որ այս պատեն վար իջաւ մողէսի պէս` ամիս մը առաջ պիտի բերէր հօրս հրամանը… բայց ի՜նչ պիտի ընեմ ես… անշուշտ մարդիկ պիտի գան եւ զիս պիտի ազատեն… բայց Հեթո՜ւմ… Հօրս հրամանն է, պէտք է լռեմ եւ մտիկ ընեմ… նա ամէն բան գիտէ, ամէն բան կը տեսնէ, ամէն բան կը մտածէ. միթէ Բաբկէն հայրիկ ինձ այնպէս չէր ըսէր միշտ… ո՜հ պատուական ծերունին… ես երբ հոս հարս կ'ուգայի ինչչա՛փ լացաւ. ես անոր լալը մօրս մեռած օրը տեսայ անգամ մ՚ալ, եւ երբ հարսնութեանս քովը գնացի զարդարուած եւ ուրախութենես կը թռչտէի… տեսայ, որ աչքերը կը սրբէր. մօրուքը ձեռքովը կը շոյէր, հոս կը դարձնէր աչքերը, հոն կը դարձնէր, շփոթած էր խեղճ ծերուկը: Դու ուրախ չես, Բաբկէն հայրիկ, ի՞նչ ունիս, ըսի, իմ հարս ըլլալս չէի՞ր ուզէր. Ո՜հ, ինչպէ՞ս կրնայի չուզել Գոհարիկս, ըսաւ, միայն զրուցէ, աղաչի հօրդ, Լամբրոն մ՚երթար, մեր քովը կեցիր, իշխանուհիս: Եւ այս խօսքերը ըսելով` ալ որոշ տեսայ, որ արցունքը ջուրի պէս աչքերեն կը վազեր. ես ալ կը զգուշանայի, որ արցունքը իմ հագուստներուս վրայ բիծ չի ձգե… Երանի՜ թէ իմանայի այն արցունքներուն զօրութիւնը, եւ հիմա սիրտս վէրքերով չէր բծաւորեր… Բաբկէն միայն իմ վրաս լացաւ… հայրս չի լացաւ… բայց հայրս չէ՞ր գիտէր թէ ես խեղճ պիտի լինիմ ասոնց ձեռքը, նա, որ ամէն բան գիտե… Այո, ամէն բան գիտե… Ո՜վ իրեն զրուցեց թէ ես թշուառ եմ… ես իրեն բան մը չի զրուցեցի, չէի կրնար ալ զրուցել, ամէն աչք վրաս կը նայէին… թուղթ մը չը գրեցի, ուրիշներու ձեռք կրնար անցնիլ… բայց ասոնք ինչո՞ւ մեզ չեն սիրեր… իմ խեղճ հօրեղբայրս ի՞նչ ըրեր է ասոնց… ամէնքը լացին անոր մահուան վրայ` բացի հորմես… բայց նա չի լար… աչքերը գոց կը նստի, երբ տխուր է… երբ որ հօրս երթամ, ամէն բան պիտի ըսեմ… բայց Հեթում տխուր էր, անոնց կամակից չէր… այն ալ կը զրուցեմ, ալ հերիք եղաւ… Նայեցէք, կուգա՞… այսչափ ժամանակ եղաւ, գիտէ որ տխուր եմ… ես սա թուղթը պատռեմ… ահա մարդու ձեռք ընկնելու վտանգն ալ չի կա…»:

Երբ դուռը բացուեցաւ` Հեթումին տխուր դէմքը տեսնուեցաւ, որ իր հարսին քովն եկաւ, որ նոյնպէս կախ երես քինաւորեալ գլուխը վեր չէր վերցնէր. իսկ Հեթում, տեսնելով նորա կերպարանքը, սկսաւ գանգտիլ թէ բնական էր Լամբրոնի մէջ մեծ սէր մը պէտք չէր յուսալ Ռուբինեանց վրայ, թէ երկու թշնամի ընտանիք պէտք էր սպասել, Որ կամաց-կամաց մոռնան բոլորովին իրեց ատելութիւնը, ուստի մինչեւ այն ժամանակ պէաք էր սպասել եւ կամաւոր սուտ խուլ լինիլ ու չիմանալ…

Լաւ՛, ըսաւ Գոհար դառնութեամբ, դո՞ւ ալ ուրեմն իրաւունք կ'ուտաս այն անգութ նախատանաց, միայն պէտք է յիշես թէ երբ դու Վահկայ էիր, իմ հայրս եւ իմ խեղճ մայրս քեզի հետ այդպէս չի վարուեցան, եւ մէկ ծանր բառ մը քու ծնողացդ եւ թէ քուկիններուդ համար չէի լսած ոչ իրենցմէ եւ ոչ ծառայից մէկուն բերանեն. ես զքեզ երկար ժամանակ եղբայրս գիտէի, եւ կը կարծէի թէ մեր տունը քեզի հետ ինչպէս վարուեցան, հոս ալ ինձի նոյն վարմունքը կսպասեր… ափոսո՜ս, ափսո՜ս, հազա՜ր ափսոս:

Եւ այս խօս քերեն վերջը, ա՛լ արցունք չի կար, այլ անկիւն մը քաշուի ցաւ լի գառնութեամբ եւ քուն ձեւացաւ: Իսկ Հեթում շփոթած այս յանդիմանութեան վրայ, եւ ժամանակեն սպասելով (ինչպէս իր սկզբունքն էր) փոթորկին անցնիլը, մտաւ հանկողին եւ քիչ մը ատենեն հանգիստ քուն եղաւ: Այս քունը ա՛լ աւելի գայրացուց աղա կինը, որ ինքնիրեն կրսեր. «Եթէ զիս սրտանց սիրէր անշուշտ զիս կ'ամօքէր. ի՜նչ կենամ, որո՞ւ համար կենամ այս դղեակը, ուր միայն խոժոռ երես եւ տխուր խօսքեր կան… Բաբկէն հայրիկ իրաւունք ուներ…»: Բայց երիտասարդ տարիքին մէջ տխրութիւնն ալ քուն կը բերէ. քիչ-քիչ քունը` ճշմարիտ քունը իր աչքերն ալ գոցեց, եւ երբ արթնցաւ, առաւօտ էր:

Գոհար անհամբերութիւն մ՚ունէր նոյն օրը, եւ ոչ ոք բուն պատճառը չէր կրնար երեւակայել. արդէն Հեթում իր հարսին խոժոռ կերպարանքը չի տեսնելու համար որսի երթալ եւ հեռանալ միմիայն դարման համարեցաւ վիճակին: Ուստի նա ալ բանի մը հետ չի կրնալով զբաղիլ, կէսօրին սպասելով ծաղկոցը կը պտրտեր, եւ առանց իմանալու շատ մը ծաղիկներ կը փեթթեր եւ հակամայս աչքը հորիզոնին վրայ բան մը կը փնտրեր, իրօք ալ կէսօրը մօտ էր, երբ լեռան կողմը երկու երեք ձիաւոր տեսաւ ճերմակ վերարկուներով փաթթուած, որ դէպի բերդին ճամփան կ'իջնէին. սիրտը սկսաւ տրոփէի նոյն միջոցին ճաշի ձայն տրուեցաւ, թէպէտ սանձ փափագ կը զգար սանդուխներն ի վար վազելու` բայց ինքզինքը սանձեց եւ անհոգ ու տխուր ձեւով մը աջ կողմը սեղանատան դռան առջեւ կեցաւ, աչք մը նետեց, դեռ մէկը չէր իջեր, դարձաւ դէպի ձախը, որ դղեկին վերի դուռն էր, եւ ուր նարնջի եւ նուռի ծառերը ղուքերնին ձգած էին, ծեր դռնապան մը գաւազան ի ձեռին նստած էր, երբ տիրուհին տեսաւ, ոտք ելաւ, իսկ նա առանց խօսելու դռանը մօտեցաւ` գլուխը դուրս հանեց եւ տեսաւ, որ իր նշմարած հրէք հեծելոց ձիերուն գլուխները դռան առջեւ երկնցան:

Բաբկէն հայրիկ, դո՞ւ ես, ըսաւ Գոհար:

Ես եմ, իշխանուհիս, պատասխանեց ծերը:

Եւ այս միջոցիս երկու կորովի բազուկներ զինք բարձրացուցին, Բաբկէնին ձիուն վզին վրայ դրին, եւ Բաբկէն թէպէտ եօթանասունը անցած` աջ թեւով աղջիկը գրկած եւ ձին մտրակելով կը սլանար դէպի Տարսոն առանց գլուխը ետին դարձնելու, իսկ ծեր դռնապանը, որ այս տեսարանը տեսաւ եւ ջանաց ձայն հանելու` այնպիսի բռնցի հարուած մը ընդունեցաւ կուրծքին, որ կռնակն ի վար գլորեցաւ, եւ երիտասարդը, որ հական քթթել իջեր ձիեն` զգոհար Բաբկէնի գիրկը եւ հարուածը խեղճ դռնապանին տուեր էր, քրքիջ ծիծաղով դարձեալ ցատկեց ձիուն վրայ եւ սկսաւ քշել ամէն արագութեա՛մբ հասնելու համար Բաբկէնի ձիուն, որուն փոշին միայն կ'երեւէր, եւ իրօք անկարելի էր այդ նժոյգին հասնիլ թէ որ ծերը իր ընկերներուն հասնելու ժամանակ տալու համար չի թուլացնէր իր ընթացքը:

Հանգի՞ստ ես, զաւակս, հարցուց ծերը:

Փա՛ռք աստուծոյ, հանգիստ եմ եւ շատ ուրախ եմ, Բաբկէն Հայրիկ, կ'ըսէր Գոհար ձախ ձեռքով, որ ազատ էր, Բաբկէնի մօրուքին թելերը մէկդի ընելով, որ աչքերը կը մտնէին, բայց զրուցէ՛ ինձի, ազատեցա՞նք Լամբրոնեն:

Անհոգ մի՛ ընէր. այս ձիուս հասնող ձի չի կայ Կիլիկիոյ մէջ, Թոռնիկ այս ձին գողնալու համար մինչեւ Սղերդ գնաց:

Բայց կ'ուգան, Բաբկէն հայրիկ:

Մեր տղաքն են, Տիրուհիս, դու հոգ մ՚ընէր, հիմա իշխանն ալ ո՛ւր որ է` կը հասնի:

Հազիւ թէ քառորդ մը տեղ ձիավարեցին, ամպի պէս փոշի մը երեւցաւ առջեւնեն, եւ գունդ մը ձիաւոր փոթորկի պէս կ'ուգար. Բաբկէնի ձին սկսաւ խխնջել եւ դափը հատանել:

Ահա իշխանն է, ըսաւ Բաբկէն: Կրակ մեզի աւետիս կ'ուտայ:

Կրակն ի՞նչ է, ըսաւ Գոհար:

Կրակն այս մեր կարմիր ձին է, որ բոցի պէս կ'երթար, որ ամէն բան կ'իմանայ, որ կը խօսի` կիմացնէ, անխելք մարդիկներէն շատ խելօք է, քեզ բերելու համար այսօր ինձ տուաւ հայրդ: Եւ իրօք Թորոսն էր, որ անձամբ կ'ուգար դիմաւորելու աղջիկը, եւ երբ մօտեցաւ, իջաւ ձիեն` առաւ նստեցուց գնա պատրաստ ձիու մը վրայ, կռնակը լոդիկ մը եւ գլխուն բեհեզեայ քօղը տուաւ, եւ ծանր-ծանր հասան Տարսոն:

Թէպէտ շատ պարզ եւ դիւրին եղաւ Գոհարի Լամբրոնէ ազատութիւնը, բայց դարձեալ բաւական ցնցուած էր խեղճ աղջիկը, որ մէկ երկու օր մը փոքրիկ ջղային անհանգստութիւն մ՚ունեցաւ, եւ որ շատ մտատանջեց զթորոս, որ չէր կրնար մտքեն հեռացնել այդ քաղքին մէջ նորա մօրը դժբախտ վախճանը. ուստի, երբ զաւակը քիչ մը աղէկ գտաւ ինքզինք, մէկեն խումբ մը պահապան զօրօք յանձնեց Բաբկէնի տանիլ Վահկայ:

Իսկ Լամբրոնի բերդեն հանուած խնդրակները հազիւ թէ երեկոյին կոր գլուխ կը դառնային իմացնելու, թէ իրենց հարսը Տարսոն մտած էր իր հօր հետ եւ բազմութեամբ ձիաւորաց: