Հոգեւորական
իշխանութեան
շարժմունքը
այն
միջոցին
Թորոսի
ախորժելի
չէր:
Գրիգորիս
կաթողիկոսը
բանագնացութեան
վրայ
էր
յունաց
Կիռ
Մանուէլ
կայսեր
հետ,
որ
ժամանակին
կրօնասիրական
գաղափարաց
եւ
իր
քաղաքագիտական
օգտին
հետեւելով,
կը
փափագէր
միութեան
հայ
եկեղեցուոյն
հետ:
Իսկ
Թորոս
միութեան
մէջ
նախ
սուզման
վտանգ
կը
տեսնէր,
երկրորդ
հայ
եկեղեցուոյն
մէջ`
եթէ
ոչ
բաժանմունք`
գոնէ
տարաձայնութեան
վտանգ
կը
նշմարէր,
անոր
համար,
Հռոմկլա
սկսած
եւ
լինելիք
կրօնական
բանագնացութիւնքը
վնասակար
դատելովն
ալ,
այնչափ
սիրելի
եւ
պատկառելի
գտաւ
իրեն
հաշտարար
դեսպան
եկած
անձը,
որ
համառօտ
քանի
մի
խօսք
միայն
զրուցել
բաւական
համարեց,
ինչպէս
տեսանք,
եւ
ամենեւին
այլ
խնդիրով
զբաղիլ
չուզեց:
Մանաւանդ
որ
իր
ծրագիրը
ընդարձակ
էր,
եւ
շարունակ
պատերազմները
հազիւ
թէ
ժամանակ
ձգած
էին
իրեն
իւր
ժողովուրդը
մեծցնել
գաղթականութեամբ,
որ
յիրաւի
կը
հաջղեր,
բայց
ոչ
ըստ
իւր
փափագանաց,
ինք
որ
կը
փափագէր
Հայաստան
մը
ընել
երկիրը,
Հայաստան
մը
զօրաւոր
եւ
անթափանց
բնութեան
պարիսպներու
եւ
ծովու
սահմանին
մէջ
պարփակեալ.
ուստի
կարծելով
թէ
ալ
խաղաղութիւն
գտած
էր
բաւական
երկիրը,
ոչ
արտաքին
թշնամուոյ
եւ
ոչ
ներքին
բանսարկութեան
վտանգին
ենթակայ
էր,
իր
բոլոր
գործունէութիւնը
տուած
այս
իր
դիտաւորութեան`
կ'աշխատէր,
կը
շրջագայէր,
նոր
եկելոց
կ'օգնէր,
կը
տեղաւորէր,
չունեցողին
կ'ուտար
եւ
ստացուածքի
ապահովութեան
կը
հսկէր,
եւ
իր
յոգնած
մարմնոյն
հանգիստ
եւ
զուարճութիւն`
որսն
էր,
եւ
քանի
մը
հազուագիւտ
եւ
իմաստուն
անձանց
տեսութիւնը:
Իր
բոլոր
զօրավարքը
եւ
ասպէտքը
այն
մարդիկն
էին,
որ
իր
Կիլիկիա
ոտք
կոխած
օրէն
թէ
ու
թիկունք
եւան,
պատերազմեցան
հսկաներու
պատերազմը:
Յոյնը,
թուրքմէնքը,
սկիւթացին
եւ
արաբացին
վանեցին,
եւ
Թորոս
անոնց
մէկուն
աշխատութիւնը
անվարձ
չի
թողուց,
կամ
բերդի,
կամ
դղեակի
մը
տէր
էին,
կամ
կառավարիչք
քաղաքի
կամ
աւանի.
վերջապէս
չի
կար
ոք,
որ
իր
աշխատութեան
վարձքը
առած
չլինէր.
այն
դժգոհները,
որ
քննադատութեան
մոլութիւնն
ունենալով
երբեմն
շտարունակ
կը
գանգտէին,
ալ
հիմա
Թորոսին
ըսածն
ու
ըրածը
գերագոյն
կը
գտնէին
առանց
անգամ
խորհրդածութեան,
բաւական
էր
թէ
նա
հրամայած
լինէր.
եւ
այս
ոչ
բռնաբար,
այլ
համոզմունք
մը
դարձած
էր
թէ
ինչ
որ
նորա
գլխեն
կը
ծնէր
իմաստուն
կշռողութեան
հետեւանքն
էր:
Միայն
մէկ
մարդ
մը
կար
անուղղելի,
որ
գոհ
պիտի
չլինէր
մինչեւ
իր
մահուան
օրը,
եւ
այս
մարդը
այնպիսի
անձ
մ՚էր,
որ
իր
քաջութեան
եւ
յանդուգն
կորովոյն
եւ
Ռուբինեան
սերունդեն
լինելուն
համար
ոչ
ոք
կրնար
դիմագրաւել,
ահա
այս
մարդն
էր,
որու
գլխեն
անցած
պատահարք,
աղէտք
ժամանակաւ
օգուտ
մը
չէին
ըրած
իր
խելքին.
միշտ
յանդուգն,
միշտ
անհանդարտ,
միշտ
անդուռն
բերան,
միշտ
անխորհուրդ
ի
ձեռնարկութիւնս:
Թորոս
ձանձրացած
էր
իրեն
դէմ
եղած
գանգատներէն,
ժողովուրդը
ձանձրացած`
իրեն
դէմ
բողոքելէ.
մանաւանդ
որ
ամէնը
գիտէին
թէ
վիշտ
եւ
վէրք
մ՚էր
այդ
եղբայրը
իշխանին
սրտին:
Ուստի
որք
նորա
շուրջն
էին`
կը
ջանային
անոր
վրայ
եղած
գանգատներուն
մէկ
մասը
ծածկելու.
շատ
անգամ
իշխանին
չիմացուցած
Բաբկէն,
Սարգիս,
Թոռնիկ
եւ
մինչեւ
Կոստանդին`
անզգամ
եւ
անգութ
գործերը
կը
պահէին,
վասնզի
գիտէին
թէ
Թորոսի
սիրտն
պիտի
վշտանար:
Գիտէին
մանաւանդ,
որ
Ստեփանէի
մահուանեն
վերջը
Մլեհի
դարձը
ի
Կիլիկիա
եւ
եղբօրն
հետ
համակամ
եւ
միաբան
շարժիլը
եւ
անոր
եղբայրաբար
վրիժառու
շարժմունքը
անտարբեր
չէին
երեւցած
Թորոսի:
Ուրեմն
այս
վիճակին
մէջ,
երբ
Բաբկէն
եւ
Թոռնիկ
(որ
շատ
սիրելի
եղած
էր
Թորոսի
իր
հայրենական
եւ
անձնական
քաջութեանց
եւ.
ուղղութեան
համար)
անցեալին
վրայ
խօսելով
ժամանակ
կ'անցնէին
Վահկայ
բերդը,
Սարգիս
ներս
մտաւ
եւ
նստաւ,
բայց
իր
զուարթ
բնաւորութիւնը
իբրեւ
թէ
կորուսած
էր
այն
օրը,
նա
որ
միշտ
ուրախ
էր
եւ
միշտ
զաւեշտր
կը
սիրէր:
—
Հէ՜,
տղայ,
—
ըսաւ
Բաբկէն,
—
այսօր
սգաւո՞ր
ես,
որ
բերանդ
չի
բացուիր.
մամուդ
մեռնելուն
տարեդա՞րձն
է:
—
Այն
օրը
չեմ
գիտէր,
Խաշի
մեռելոց
օրն
երէկ
էր,
բայց
ես
ոչ
մեռելն
կը
սիրեմ
եւ
ոչ
մեռնիլը:
Իմ
սիրտս
նեղութիւն
կայ
այսօր,
բայց
դուք
ալ
ուրախ
մարդիկ
չէք,
որսի
երթալու
փափագ
մը
ունիմ
այս
սրտիս
նեղութիւնը
վանելու
համար,
ո՞վ
ընկեր
կայ,
եւ
ե՞րբ,
ա՛յն
տեսնենք:
—
Դու
ալ
իշխանին
պէս
յոգնութիւնդ
որսի
աշխատութեամբ
կառնուս.
նա
քսանեւչորս
ժամ
կ'աշխատի,
կը
վազէ,
կը
գրէ,
գրել
կ'ուտայ,
ետքը
որսի
կը
հեծնէ,
յոգնութիւնը
յոգնութեամբ
կառնու.
դու
ալ
այն
խելքե՞ն
ես:
—
Ես
ծերացայ,
տղայ,
հիմա
հազիւ
թէ
կ'ուզեմ
շարժիլ:
—
Պատերազմի
համար
ինչպէ՞ս
ես,
Բաբկէն
հայրիկ:
—
Պատերազմն
ուրիշ
է,
հոն
մարդու
երիտասարդութիւնը
քիչ
մը
ետ
կը
դառնա.
փողին
ձայնին
արիւնը
կը
դառնա,
սիրտը
կեփի:
—
Թէ
որ
դու
այդպէս
կ'ըսես,
Մլեհ
իշխանը
ինչ
կըսէ,
որ
երեք
օր
մարդու
թապըլտկիլ
իր
սուրին
կամ
նիզակին
հարուածին
տակ
չի
տեսնէ`
գիշերն
ի
բուն
չի
քնանար,
—
ըսաւ
Թոռնիկ
խնդալով:
—
Մլեհ
իշխանը…
—
ըսաւ
եւ
կեցաւ
Սարգիս:
—
Մի՛
կտրէր,
լմնցուր
խօսքդ,
–
զրուցեց
Բաբկէն:
—
Չեմ
լմնցնէր,
վասնզի
թէ
որ
ես
լմնցնեմ,
դու
աոաջինը
կը
լինիս
բարկանալու:
Լռութիւն
մը
տիրեց,
Բաբկէնի
խոր
աչքերը
քիչ
մը
պզտիկցան,
եւ
շուրջ
չորս
կողմը
զննելեն
վերջը`
—
Սարգիս,
—
ըսաւ,
—
դու
այսօր
ծանր
մտածմունք
ունիս,
լեզուիդ
տակն
ալ
գաղտնիք
մ՚ունիս,
այս
դռնեն
ներս
մտնելեդ
ի
վեր
կը
փնտրիս,
որ
յայտնես
եւ
չես
ուզէր.
աստուած
վկայ,
թէ
որ
Թոռնիկ
հոս
չլինէր,
ես
մինակ
որ
լինէի`
պիտի
բանայիր,
այդպէս
չէ՞,
շիտակ
խոսէ:
—
Եղբայր,
թէ
որ
այդպէս
է,
ահա
ես
կ'երթամ,
—
ըսաւ
Թոռնիկ
ելնելով,
—
Ո՞ւր,
կեցի՛,
—
ըսաւ
Բաբկէն
թեւէն
բռնելով
եւ
նստեցնելով,
—
որդեակ
Սարգիս,
ինչ
որ
ծանր
բան
ունիս
ինձ
զրուցելու,
մի
վախեր,
Թոռնիկին
ալ
կրնաս
ըսել.
ես
զինք
լաւ
ճանչցեր
եմ:
—
Ես
անկից
կասկած
չունիմ,
մեծ
վստահութիւն
ալ
ունիմ.
բայց
պապերու
առակ
է`
«Գաղտնիք
երեք
հոգիի
մէջ
գաղտնիք
չեն,
յայտնիք
են»:
Թոռնիկ,
հոգիդ
սիրես,
մ՚առնուիր,
նստէ,
ես,
Բաբկէն
հայրիկ
թէ
չլինէր,
քեզ
պիտի
զրուցէի.
շփոթէր
մնացեր
եմ,
խնդիրը
ծանր
է.
իշխանին
սիրտս
չի
տանիր,
որ
համարձակիմ
բանալ:
Բաբկէն
ուժով
մը
ձեռքեն
քաշելով
առաւ
Սարգիս,
բազմոցին
ծայրը
նստեցուց
եւ
կամաց
ձայնով
ըսաւ.
—
Ի՞նչ
է,
զրուցէ,
որդեակ
Սարգիս,
մենք
երեքս
մէկ
հոգի
ենք,
ես
մարդիկ
լաւ
կը
ճանաչեմ,
տէ
զրուցէ՛:
Այս
դիրքին
մէջ
երեք
գլուխ
իրարու
մօտեցան,
Թոռնիկին
լայն
եւ
պարզ
ճակատը,
անկեղծ
եւ
մաքուր
նայուածքը,
Սարգսին
սուր
եւ
կասկածոտ
աչքերը,
Բաբկէնի
երկարն
եւ
ճերմակ
յօնքերը,
որ
աչքերը
գրեթէ
կը
ծածկէին,
իրարու
հակառակ
դէմքերով
զարմանալի
միութիւն
մը
կը
կազմէին
այս
երեք
անձանց
մէջ.
Սարգիս
սկսաւ
իր
գաղտնիքը
պատմել.
—
Քու
առջեւդ
էր,
Բաբկէն,
երբ
իշխանը
ինձի
հրամայեց,
որ
Հալէպ
երթամ,
անծանօթ
քաղաքը
մտնեմ,
իբրեւ
վաճառական
քիչ
մը
ապրանք
առնում,
աչքէ
անցունեմ,
իմանամ
թէ
ի՞նչ
կընէ
Նուրետտին,
ի՞նչ
կը
խօսի
ժողովուրդը,
ի՞նչ
շարժմունք
կայ
հոն,
շաբաթ
մը
հազիւ
կենամ
ու
դառնամ.
կ'եցայ,
նայեցայ,
ապրանքներն
ալ
իշու
մը
վրայ
բարձած,
ես
ալ
դուրսեն
մեր
տղոցմէ
մէկը
մինակ
հետս
առած
կը
դառնայի:
Արեգի
վանքը
հասայ,
տղուն
ըսի,
որ
կենդանին
առնու
բերդը
տանի.
ժամուան
մը
ճամփայ
կար
դղեակն
հասնելու,
եւ
արեւն
ալ
իջնելու
մօտ
էր.
մտայ
անտառը,
որ
գետակին`
մէջ
լուացվիմ,
ձայներ
կային,
կամաց-կամաց
մօտեցայ.
հինգ-վեց
թուրքմէն
նստած
կին,
ես
թուրքմէն
կ'ըսեմ,
դուք
աւազակ
իմացէք,
իրենց
լեզուաւ
կը
խոսէին.
ի՜նչ
եղաւ
զարմանքս,
երբ
մեր
Մլեհ
իշխանը
ասոնց
գլուխը
տեսայ.
«Չէ,
կ'ըսէր
ցուլի
պէս
մարդ
մը,
հազար
ոսկի
ալ
տաս,
ես
այդ
մարդուն
վրայ
չեմ
քալէր.
ո՛վ
նորա
վրայ
կը
քալէ,
մահուան
բերանը
կը
քալէ,
այս
աւանակները
կ'ուզես
համոզէ,
տասնեւութը
տաբու
էի,
Ռապանի
ճամփան`
երբ
հինգ-վեց
հազար
հոգի
մենք
անոր
փոքրիկ
խումբին
վրայ
ինկանք,
ողջ
բռնել
կը
կարծէինք,
այն
պզտի
խումբը
կարծես
մեծցաւ,
շատցաւ,
մեր
արիւնը
ջուրի
պէս
կը
վազեր.
այդ
քու
եղբայրդ
վիշապ
դարձաւ,
ամէն
մէկ
շրջանին
հաջն
ու
ձախ
սուրը
կայծակի
պէս
կ'իջնէր,
ինկնողը
ալ
չէր
ելնէր:
Ես
ծառի
մը
կռնակ
կծկտած
պահուած
կը
դողայի
ու
կը
նայէի,
մինչեւ
որ
կամաց
մը
ծառն
ի
վեր
ելայ,
անկից
կը
տեսնէի,
տերեւի
պէս
կը
թափէին
ամէնքը
անոր
սուրին
տակ.
այն
օրէն
մինչեւ
այսօր
շատ
պատերազմ
տեսայ,
շատ
տեղ
գտնուեցայ.
ես
այդ
մարդուն
պէս
մարդ
չի
տեսայ.
ո՛վ
կուզէ,
քեզ
հետ
թող
երթայ,
ես
այդ
գործին
մէջ
մատ
չունիմ»:
Եւ
ահա
սկսաւ
Մլեհ
բարձրաձայն
խնդալ
մարդուն
վատութեան
վրայ
եւ
ծաղրել.
«Ածիլեցէք
այս
մօրուքները`
կնիկ
եղէք»
ըսելն
լսեցի
ու
տեսայ,
որ
ոտք
ելաւ.
անոնք
ալ
ոտք
ելան.
ես
կամաց
մը
քաշուեցայ
մտայ
թուփերուն
ետին,
դարձայ
եւ
կը
տեսնէի
Մլեհ,
որ
կ'անցնէր
դիւական
ծիծաղ
մը
ձգելով
այդ
աւազակ
թուրքմէններուն
վրայ:
Իրաւ,
առուտուրն
աւբուեցաւ,
բայց
այդ
մարդը
եղբօրը
հօրը
կը
փորէ,
գինովութեանը
դուրս
կ'ուտայ,
օր
մ՚ալ
կելնէ
(այնպէս
բան
մը
կընէ,
որ
մեր
բոլորին
ու
ազգին
գլուխը
ձիւն
կը
բերէ:
Ես
այս
տեսածս
ու
լսածս
իշխանին
պատմելու
չեմ
համարձակիր,
չամանչեմ,
անոր
համար
քեզ
ըսելու
եկայ.
դու
մեր
ծերն
ու
խելօքն
ես,
ի՞նչ
ընեմ…
մանաւանդ
թէ
ի՞նչ
ընենք.
ահա
Թոռնիկին
ալ
երեսին
գոյնը
դարձաւ:
Եւ
իրօք
ազնուական
երիտասարդին
երեսը
ճեպ-ճերմակ
կտրեցաւ.
ճակատը
մարգրտի
պէս
քրտնեցաւ
եւ
սրտին
զարնուացքը
քովինները
կրնային
լսել
թէ
ուշադիր
լինէին,
եւ
չի
կրնալով
դիմանալ`
առանց
բերանը
բանտելու
ելաւ
եւ
սկսաւ
սենեկին
մէջ
վեր-վար
պտըտիլ:
Բաբկէն
անշարժ-անխռով
մտիկ
ընեղէ
վերջը,
աչքերը
գոցած
իբրեւ
թէ
քուն
կը
լինէր,
եւ
ձայն
չէր
հանէր,
յայտնի
է
թէ
կը
մտածէր:
Իսկ
Սարգիս,
երբ
բաւական
սպասեց,
ալ
համբերութիւնն
հատնելով`
—
Եղբարք,
—
ըսաւ,
—
ես
ձեզի
բան
խօսեցայ,
մէկերնիդ
արձան
եղաք
անշարժութեան,
միւսնիդ
նստիլը
մոռցաք.
տէ
խօսեցէ՛ք,
այս
անզգամը
ո՜յ
գիտէ
ի՜նչ
կը
նիւթէ
հիմա
եղբօրը
դէմ:
—
Հիմա
նա
նստած
հովանոցը,
իր
օղիին
շիշը
կը
պարպէ,
ես
որ
գալուս
հոնկից
կ'անցնէի`
տեսայ.
մեղք
որ
իշխանին
եղբայրն
է,
ես
ալ
քեզի
պէս
չեմ
համարձակիր
մարդու
զրուցել
այդ
վատ
դաւը`
ո՜ւր
մնաց
եղբօրը,
—
ըսաւ
Թոռնիկ:
—
Ուրեմն
ի՞նչ
ընելու
է,
—
կ'ըսէր
Սարգիս,
Բաբկէնի
դառնալով:
—
Ի՞նչ
ընելու
է…
—
ըսաւ
Բաբկէն,
—
ի՞նչ
պիտի
ընեմ,
կենամ,
որ
անկարծելի
ժամանակ
այդ
անզգամ
խենթը
ազգին
տունը
փլցնէ.
հիմա
իշխանը
ուր
որ
է
կ'ուգայ,
առջի
խօսքս
իրեն
այս
պատմութիւնը
լինի,
դուք
ալ
մի
հեռանաք,
որ
եղելութիւնը
տեղն
ի
տեղ
յայտնէք:
Սենեկին
մէջ
երկար
լռութիւնն
որ
տեւեց`
միայն
ձիոց
սմբակաց
ձայն
են
ընդհատեցաւ,
իշխանն
էր,
որ
կը
դառնար:
Բաբկէն,
որ
նորա
երեսը
գիտէր
կարդալ
մէկ
աչք
նետելուն,
սանդուխին
գլխեն
երկու
ասպետաց,
որ
քովն
էին`
«Ափսոս,
—
կ'ըսէր,
—
այս
երեկոյ,
որ
իշխանը
զուարթ
է,
պիտի
դառնացնենք
զինքը,
տեսէք
Կրակին
պարանոցը
կը
շոյէ,
ձիասպասին
հետ
կը
խօսի…»,
բայց
Բաբկէն
կ'ուշացնէր
իր
խօսքը.
«Կերակուրը
հանգիստ
ուտէ,
իշխանիկս,
—
կ'ըսէր
ինքնիրեն,
—քիչ
մը
ժամանակ
ալ
անցնի»:
Երբ
կ'երակուրեն
ելան,
եւ
տեսաւ,
որ
Թորոս
իր
սենեակները
պիտ
քաշուէր,
ա՛լ
Բաբկէն
ելաւ
դիմացը
կանգնեցաւ:
Երբ
այն
կեցուածքը
տեսաւ
իշխանը,
որ
նոյնպէս
իր
ծերուկին
ամէն
շարժմանց
նշանակութիւնը
գիտէր,
շուտ
մը
իմացաւ
թէ
ծանր
բան
մը
կայ:
—
Խոսէ՛,
Բաբկէն
Հայրիկ,
շուտ
ըրէ,
դու
կարեւոր
բան
մը
ունիս
ինձ
իմացնելու,
ի՞նչ
է:
—
Մլեհ
իշխանն
է
դարձեալ,
տէ՛ր:
—
Նոր
յիմարութիւն
մը:
—
Յիմարութեանց
վատթարագոյնը:
—
Ի՞նչ,
—
ըսաւ
Թորոս
ընքուիները
իրարու
կպցնելով:
—
Քեզ.
կուզէ
սպաննել:
—
Ո՞վ
է
տեղեկացեր,
—
ըսաւ
քննող
աչք
մը
նետելով
Սարգսի
եւ
Թոռնիկի
վրայ,
որք
մէկ
կողմ
կայնէր
էին
առաջնին
նայելով
իբրեւ
յանցաւոր:
—
Սարգիս
տղայ,
պատմէ
ամէն
բան,
—
ըսաւ
Բաբկէն:
Երբ
Թորոս
անշշունջ
մտիկ
ըրաւ
ամէն
բան.
—
Գիտես,
Բաբկէն
հայրիկ,
—
զրուցեց,
—
Ստեփանէ
կասկածով
մը
տասն
ամիս
բանտարկեցի,
սրտիս
վէրք
է
այդ
գործս,
իրաւ
Մլեհ
Ստեփանէ
չէ,
բայց
դարձեալ
խելքին
փչածը
դուրս
կ'ուտայ,
աւեչի
կը
խօսի,
քան
թէ
կընէ.
ասոնք
ամէնքը
պէտք
է
մտածել,
ետքը
շարժիլ:
—
Տէր
իմ,
—
ըսաւ
Բաբկէն
բարկութեամբ,
—
գոնէ
ինձ
հրաման
տուր,
որ
պէտք
եղած
զգուշութիւններն
ընեմ:
—
Լաւ,
—
ըսաւ
Թորոս
ծիծաղելով,
—
քեզի
հրաման`
առանց
դուրսը
ձայն
տարածելու
եւ
առանց
զիս
անհանգիստ
ընելու
գիտցածդ
ընել:
—
Միայն
Թոռնիկ
քեզ
անձնապահապետ
լինի,
գոնէ
զայն
կընդունի՞ս:
—
Լաւ՛:
—
Ես
Սարգսի
հետ
մնացած
զգուշութիւնները
կը
հոգանք:
—
Լաւ՛,
լաւ՛,
լաւ՛,
Բաբկէն
հայրիկ,
գիտցածդ
ըրէ,
բաւական
է
թէ
ինձի
գանգատ
չի
հասնի:
—
Հոգ
մ՚ընէր,
իշխանիկս:
Եւ
երբ
Թորոս
գնաց
քաշուեցաւ,
մեր
երեք
բարեկամները
իրարու
երես
կը
նայէին:
—
Ալ
իշխանին
կեանքը
ուղղակի
քեզի
յանձնուած
է,
Թոռնիկ:
—
Առաջ
աստուած,
—
ըսաւ
քաջ
երիտասարդը,
որու
պայծառ
կերպարաքին
վրայ
սրտին
մաքրութիւնը
կը
փայլէր,
—
ես
ոտքս
հետքեն
չեմ
զատէր,
ինք
ուր
է`
տունս
ալ
թող
հոն
լիսի:
—
Ապրի՛ս,
որդեակ:
—
Իսկ
մենք,
Սարգիս,
ա՛լ
Մլեհ
ուր
երթա,
ինչ
ընէ`
մեզի
բան
գործ
ընենք:
—
Լաւ՛,
—
ըսաւ
Սարգիս,
—
եւ
երեքն
ալ
գնացին
իրենց
սենեակները
պառկելու:
Ա՛լ
Թոռնիկ
անբաժանելին
եղաւ
Թորոսի,
իր
յատկութիւնքը
անոր
քով
աւելի
կատարելագործեցան:
Բայց
շատ
անգամ
կը
տեսնուէին
Թորոսի
քով
երկու
դեռահաս
երիտասարդք,
Ռուբեն
եւ
Լեւոն,
որոնց
սգաւոր
մայրը
Պապեռոնէ
զիրենք
կը
բերէր
իրենց
հօրեղբօրը
Վահկայ
բերդը.
թշուառ
Ստեփանէ
երկու
զաւկներուն
կերպարանքը
կը
վկայէին
արդէն
թէ
Ռուբինեան
զարմին
շառաւիղք
էին:
Հօր
գութ
եւ
սէր
թէպէտ
ունէր
Թորոս
երկուքին
վրայ
հաւասարապէս,
բայց
Բաբկէն,
որ
գուշակութեան
ձիրքն
ունէր,
«Սա
պզտիկը
հօրեղբօրը
տեղ
բռնելու
յոյս
կ'ուտայ,
Ռուբեն
հօրը
զաւակն
է,
Լեւոն
հօրեղբօրը
ելած
է»:
Եւ
իրօք,
տղան
դիտող
բնաւորութիւն
եւ
մեծ
համակրութիւն
ունէր
հօրեղբօրը,
ամէն
բերնեն
ելած
խօսքերուն
ուշադրութիւն
կ'ուտար,
երբ
Ռուբեն
զուարճութիւնը
ամէն
բանէ
աւելի
կը
սիրէր:
Քանի
մը
ամիս
անցած
էր
Սարգսի
այն
դիպուածեն
վերջը,
երբ
Թորոս
օր
մը
որսի
պիտի
ելնէր
Պեռամոյ
ակունք
ըսուած
տեղը,
յանկարծ
երկինք
մթնցաւ,
եւ
սոսկալի
փոթորիկ
մը
արգիլեց
«վաղը
մեր
որսը»,
ըսաւ
Թոռնիկին,
եւ
երկրորդ
առաւօտուն
հեծաւ
որսի,
ինչպէս
իր
սովորութիւնն
էր`
կանուխ,
չորս-հինգ
հոգի
միայն
կային
հետը:
Իրեն
ընկերացած
էր
նաեւ
Լեւոն
եղբօրորդին:
Հազիւ
թէ
ձիերը
ձգեցին,
եւ
իրենք
սկսան
ցրուիլ
այծամներու
խումբ
մը
պաշարելու
համար,
ահա
Թոռնիկ,
որ
Լեւոնի
քովն
էր,
նոյն
միջոցին
կանգ
առաւ`
«Ետեւես
եկո՛ւ»
ըսաւ
եւ
ճամփան
փոխելով
շիտակ
դէպի
այն
(կողմը
սրացաւ,
ուր
արշաւէր
էր
Թորոս,
վասնզի
գինուց
փայլ
մը
կարծեց
նշմարել
այն
կողմը,
եւ
իրօք,
երբ
քիչ
մը
յառաջացաւ`
տեսաւ,
որ
չորս-հինգ
սպառազէն
Թորոսը
շրջապատէր
էին.
իսկ
նա
այս
յանկարծակի
յարձակումը
տեսնելով`
մեծ
ծառի
մը
բունին
կռնակը
տուած
պաշտպանողական
դիրքի
մը
մէջ
անխռով
կը
դիտէր
զինք
պաշարողները,
եւ
դեռ
Թոռնիկ
չի
հասած,
իր
ահագին
Լեւոնեան
սուրը
շողաց,
եւ
երկու
թշնամի
սուրեր
օդի
մէջ
թռան.
ճիշտ
այն
միջոցին
Թոռնիկ
հասնիլն
ու
սուրի
հարուածով
անզգամներուն
մէկը
գետինը
ձգելն
մէկ
ըրաւ.
Լեւոն
այն
միջոցին
իր
եռանդուն
տարիքին
ձայնին
միշտ
լսելով`
առանց
սպասելու`
քիչ
մը
հեռուն
կեցած
բարձրահասակ
մարդ
մը
տեսնելով,
որ
սաղաւարտին
դիմակովը
ծածկուած`
սուրը
ձեռքը
աւելի
հանդիսատես
կ'երեւէր
եւ
հրամանատար,
յարձակեցաւ
անոր
վրայ,
որ
ճանճ
մը
վռնտելու
պէս
երիտասարդին
սուրը
կանգուններով
հեռու
նետեց
եւ
առանց
քայլ
մը
առնելու,
իր
պատերազմողներուն
վրայ
կը
նայէր
անշարժ
արձանի
մը
պէս,
որոնք
Թորոսի
եւ
Թոռնիկի
հարուածներուն
տակ
կը
կործանէին
իրարու
վրայ,
եւ
երբ
տեսաւթէ
չորս-հինգ
հոգի
արդէն
ընկած
էին
եւ
երկու-երէք
ալ
ծանր
վտանգի
մէջ,
ետին
դարձաւ`
ցատկեց
ահագին
խրամ
մը,
եւ
սկսաւ
ժայռոտ
ու
մացառուտ
լեռն
ի
վար
ցատկել,
բայց
հազիւ
թէ
ութ-տասը
քայլ
վազած`
երեք
հոգի
դիմացը
արձանացան.
Սարգիս
իր
երկու
եղբայրներով`
«Մէկդի՜»,
ըսաւ
զրահաւորը
հաստ,
կամաց
եւ
անխռով
ձայնով
մը:
—
Մէկդի՜…—
ըսաւ
Սարգիս,
—
ե՞ս,
դաւաճաններու
առջեւեն,
ո՛վ
որ
լինին`
սովորութիւն
չունիմ
փախչելու,
թո՛ղ
զէնքդ
եւ
անձնատուր
եղի՛ր:
Այս
խօսքերուն
պատասխան`
սոսկալի
սուրի
երկու
հարուած
ընդունեցաւ
իրարու
վրայ
Սարգիս,
ոչ
միայն
սուրբ
ձեռքեն
թռաւ,
այլ
նաեւ
ձախ
ուսին
վրայ
վիրաւորեցաւ.
իր
երկու
եղբարք
նոյն
միջոցին
վրէժխնդրութեան
ոգուով
յարձակուեցան
զրահաւորին
վրայ,
բայց
իրենց
հարուածները
ոչինչ
էին
այն
մարդուն
եւ
իր
զրահներուն
դէմ,
որ
իբրեւ
թէ
կը
ծիծաղէր.
երբ
Սարգիս
առանց
սուրի
մնացած
եւ
թէպէտ
վիրաւոր`
բայց
իր
զարմանալի
արագութեամբ
եւ
իբր
թէ
գետնեն
սողալով
մտաւ
նորա
սրունգներուն
մէջ,
եւ
քաջը
յերկիր
կործանեց.
կռիւը,
որ
լմնցած
կը
կարծուէր
նորա
ինկնալով`
վայրկենին
նորոգուեցաւ,
վասնզի
նա
ժամանակ
չի
տուաւ
եւ
ի
քթթել
ական,
ոտքի
վրայ
էր
դարձեալ
եւ
պատրաստ
իր
երեք
թշնամիները
կործանելու,
որոնք
սատանայի
մը,
քան
թէ
մարդու
հետ
գործ
ունենալ
սկսան
կարծել
եւ
ետ-ետ
երթալ:
Այս
միջոցիս
Թորոս,
Թոռնիկ
եւ
Լեւոն
վրայ
հասան,
եւ
երբ
նա
վեց
սուր
իր
վրան
տեսնելով,
անխռով,
ճիշտ
նոյն
դիրքին
մէջ,
որու
մէջ
քիչ
առաջ
Թորոս
կը
գտնուէր,
կռնակը
ապահովցուցած`
չի
կրնալով
համբերել
«Հա՛,
յարձակեցէք,
տեսնեմ,
թէ
որ
քաջ
էք»,
պոռաց
մեծ
ձայնով,
եւ
ամէն
զինք
շրջապատողք
իրարու
երես
նայեցան`
Թորոս
սուրը
գետինը
յեցած,
ծանր
ձայնով
—
Մլե՜հ,
—
կանչեց,
—
թող
զէնքդ,
մեծ
եղբայրդ
եւ
իշխանդ
է,
որ
քեզ
կը
հրամայէ:
Մեծ
եղաւ
ամէնուն
զարմանքը.
այս
խօսքերը
հազիւ
թէ
լսուեցան`
կարծես
թէ
աներեւոյթ
զօրութիւն
մը
սանձահարեց
զրահաւորը,
սուրը
խոնարհեցաւ
եւ
ձեռքեն
ինկաւ,
եւ
երկու
ձեռքն
ամփոփելով
կուրծքին
վրայ
կեցաւ:
—
Առ
սա
սուրը,
—
ըսաւ
Թորոս
Թոռնիկին…
—
Հեծէ՛ք,
տղաք,
ետ
դառնանք:
Լռութիւն
տիրեց
ամէնուն
վրայ.
շուտ
մը
Սարգսի
վէրքը
պատեցին
եղբարքը,
եւ
երբ
այն
գործողութիւնն
ալ
լմնցաւ,
հեծաւ
Թորոս
առջեւեն,
Մլեհ
եւ
ամէնը
ետեւեն:
Ոչ
ձայն,
ոչ
խօսք,
ոչ
քրթմնջիւն
չէր
լսուէր,
այլ
խիստ
լռութիւն
միայն
ձիերու
սմբակները
կ'ընդհատէին,
մինչեւ
հասան
Վահկայ:
Երբ
ձիեն
իջաւ
Թորոս,
դարձաւ
եղբօրը`
«Գնա՛,
նստէ՛
հովանոցդ,
սպասէ
հրամանիս»,
—
ըսաւ:
Մլեհ
առանց
պատասխանելու
հնազանդեցաւ
եւ
գնաց:
Հազիւ
թէ
մտաւ
Թորոս
իր
դիւանր,
սուրհանդակներ
գնացին
բոլոր
շրջակայ
բերդերը
եւ
նոյն
իրիկունը
մեծ
ժողովքի
մը
մէջ
բոլոր
իշխանաց
եւ
զօրավարաց
ներկայութեան`
Մլեհ
բերուեցաւ,
եւ
իշխանը
բոլոր
նորա
ըրաւծ
անգթութիւնները,
յիմար
եւ
անխելք
վարմունքը,
եղբօրն
անձին
դէմ
բիւր
սպառնալիքները
եւ
վերջի
նոյն
դաւաճանութիւնն
համրելեն
ետքը`
աւելցուց
եւ
հարցուց.
—
Հիմա,
Մլեհ,
թէ
որ
ես
ասոնք
ըրած
լինէի,
դու
որ
շիտակ
կը
խօսիս,
զրուցէ,
ի՞նչ
կրնէիր:
—
Այսչափ
չէի
սպասէր,
շատոնց
զքեզ
սպաննած
կը
լինէի,
—
պատասխանեց
նա
խիստ
ձայնով:
—
Բայց
ես
չեմ
ուզէր,
որ
Ռուբինեանց
մէջ
ոք
զրուցուի
պատմութեան
մէջ
թէ
եղբօր
արեան
ձեռք
մխեց.
ուստի
գնա՛
այս
երկրեն
դուրս,
հեռացի՛ր,
շատ
է,
որ
ես
երկու
եղբայր
բուռն
մահուամբ
կորուսի
յունական
ձեռքերէ:
Ես
կարծեցի
թէ
Ստեփանէի
թշուառ
մահը
բաւական
էր
զքեզ
զգաստացնելու
համար,
կարծեցի
թէ
այս
աթոռուոյն
օրինաւոր
ժառանգ
դու
միայն
մնալով
զգաստացեր
ես,
բայց
անօգուտ,
դու
մահապարտ
ես,
ես
քեզի
կը
ներեմ,
բայց
չեմ
ներէր,
որ
իմ
մահվնես
վերջը
այս
աթոռին
վրայ
նստիս,
վասնզի
դու
ոչ
միայն
նախատինք,
այլ
մահաբեր
կրնաս
լինիլ
այս
իշխանութեան
եւ
ազգիդ:
Այս
խօսքերեն
վերջը
եղբայրաբար
եւ
իշխանաբար
վարուելով
դարձեալ
«Շատ
ոսկի,
արծաթ
եւ
ձի,
եւ
ջորի»
տուաւ
եւ
հանեց
գնա
երկրեն:
Իսկ
նա
գնաց
դարձեալ
առ
սուլթան
Նուրետտին: