Երկունք Թ դարու

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բզնունեաց ծովուն արեւելեան հիւսիսային ծայրը Առբերունի գաւառին գլխաւոր քաղաքը Բերկրի, այն մեր յիշեալ ժամանակներս գեղեցիկ քաղաք մ՚էր իր զօրաւոր բերդով, որ բլրոյ վրայ կը բարձրանար:

Այդ բերդը բնակութիւն էր Արծրունի իշխանաց, որ կը տիրէին Վասպուրականի ընդարձակ գաւառին եւ օրաւուր կ'ընդարձակէին իրենց տէրութիւնը փոքրիկ նախարարութիւններն անհետացնել ջանալով: Դիւանագիտութիւն բառը, եթէ չի կար` բայց իրը միշտ կար, եւ Արծրունի ժառանգ իշխանը իր խանձարուրներէն գիտէր, թէ ի՞նչ պէտք էր ընել ըստ պարագային յափշտակելու իւր դրացեաց ժառանգութիւնը եւ զօրութիւնը օրաւուր մէկ ձեռաց մէջ ամփոփելու համար: Եւ քանի որ Հայաստան երկրի վրայ թշուառութիւն կը զեղանէր, այդ տիրապետութեան ոգին Արծրունեաց մէջ կաճեր, կ'ուռճանար: Եւ այս ժամ անուակներ ուս մէջ կը տեսնուի յայտնի պատմութիւն ուսնել ուզողին, որ Հայաստան երեք մեծ նախարարութեանց սկսէր էր բաժնուելու. Բագրատունեաց, Արծրունեաց եւ Սիւնեաց: Մամիկոնեանք անունով միայն կային: Իսկ Վասպուրականի մէջ Ռշտունիք տեսանք ո՛ւր հասեր էին: Ամատունիք, Ընտրունիք, Գնունիք, Քաջբերունիք, Հաւնունիք, Վահեւունիք, Անձեւացիք հարկատու ճորտեր էին դարձել Արծրունեաց Աշոտ մեծ նախարարին, որ յանդուգն, փառասէր երիտասարդ մ՚էր: Իւր մայրը` Հռիփսիմէ մեծ տիկին հռչակաւոր սրամտութեամբ, խոհեմութեամբ, ճարտարութեամբ եւ բարեպաշտութեամբ, քոյր էր Բագրատունի մեծ իշխանացն Սմբատայ եւ Բագարատայ: Եւ այն օրէն, որ եղբայրն ընտանեօք դերի գնացեր էր ի Բաղդատ` շատ տխուր էր եւ անհանգիստ, վասնզի ի բացառեալ, որ այնպիսի մեծ իշխան ղղթայներու մէջ կը գտնուէր, կը վախեր նաեւ ուրացութենէ, ուստի առանց իր ղաւա կաց բան մը իմացնելու, իրեն Հաւատարիմ իշխան մը` Խոսրով Ակէացին` հնարագէտ եւ իմաստուն մարդ ղրկած էր նամակաւ վիճակը իմանալու եւ ճար մ՚ընելու նորա ազատութեան: Ուստի մտատանջ` Բերկրուոյ ապարանից մէջ նստած` ամէն օր կը սպասէր Խոսրովի գալուն եւ ահա երեք ամիս էր, որ նա չէր երեւած:

Հռիփսիմէ տիկինը, երբ վտանգն սպառնար` խելքը չէր շփոթէր, մանաւանդ թէ շատ անգամ, երբ այր մարդիկ իրենց գլխուն ղեկը կը կորուսէին նա իրերը եւ պարագաները կշռել եւ համեմատել գիտէր, եւ ըստ այնմ շարժիլ խորհուրդ կ'ուտար, եւ միշտ, երբ իր խորհուրդներուն հետեւած էին իւր այրը` Տէրն Արծրունեաց, եւ հիմա որդին Աշոտ` ամենեւին վնաս չէին կրած: Ենք արենակցութեան կապ լինելով ի մէջ Բագրատունեաց եւ Արծրունեաց, զայն նիզակակցութեան դաշամբ նաեւ ամրացուցեր էր. իր փափագն էր նոյն դաշնակցութեան մէջ մտցնել Սիւնեաց երկու մեծ նախարարներն, եւ թերեւս անօգուտ չլինէին իւր ջանքերը, եթէ արաբաց արշաւանքներով դառն կերպարանք չառնուին. ինք էր, որ երբ ամէնքը յուսահատած էին եւ լեռնային բերդերը քաշվփլ կը մտածէին` անձամբ երթալով ընծայիւք եւ պատանդներով Իւսուֆ ոստիկանը, համոզէր էր խաղաղութեան իւր տղուն Աշոտի հետ: Իսկ հիմա միշտ Բագարատայ վրայ էր միտքը. երբ իրեն լուր բերին թէ Խոսրով Ակէացի եկեր կը սպասէր: Շուտ հրաման ըրաւ, որ մտնէ. եւ ինչպէս սովորութիւն է այսպիսի պարագայի մէջ` դեռ Խոսրով դահլիճին դռնեն միայն տեսնելով` Տիկնոջ երեսը պարզուեցաւ.

Բարի է գալուստդ, Խոսրով իշխան, Բագարատը տեսած ես, երեսեդ յայտնի է, ըսաւ:

Այո, Տիկին, տեսայ, տեսնուեցայ հետը, եւ հոճսալի է ամիրապետին խստութիւնը կ'ակղնայ քիչ ատենեն, վասնզի էըկրին մէջ խռովութեան շատ սերմունք կան. ես արդէն հոն եղած ժամանակս դաւադրութիւն մը յայտնուեցաւ, շատ մարդիկ մահուան դատապարտուեցան: Զանազան գաւառներ կը խլրտին եւ ապստամբութեան նշաններ կան. եթէ մենք քրիստոնեայ հարկատու ժողովուրդք հանդարտ եւ խելօք համբերենք` մահմեդականաց մէջ քաղաքական պատերազմր կը սկսի: Իսկ եթէ խլրտինք` առիթ տանք, նոցայ կրօնամոլութիւնը կը զայրացնենք, եւ կը միաբանին մեզի դէմ իրենց կատաղութիւնն ի գործ գնելու:

Ես միշտ այն խորհուրդն եմ տուեր, որ այս անօրէն ազգին հետ խոհեմութեամբ վարուինք, առանց գրգռելու, եւ ջանանք միանալու եւ միացնելու մեր մեծ իշխանները եւ միւս կողմեն երկիրը լաւ կառավարենք զօրացնենք. բայց ո՜ւմ կ'ըսես. մեր տղաքը խօսք չեն հասկնար. «Լաւ՜ կ'ըսես, մայրիկ, դու շատ խելօք կը մտածես», կը զրուցեն, դարձեալ խելքերնին մտքերնին իրենց կրից, իրենց զուարճութեանցն է. եւ իմ խորհուրդներես տասնին, քսանին մէկն ի գործ չի դրուիր:

Ճշմարիտ է, Տիկին, բոլոր ըսածներդ, եւ Բագարատ իշխանը իւր բոլոր մեծամտութեամբ խոստովանեցաւ թէ` «Իմ գլխուս այս փորձանքը չէր գալ եթէ երկու հոգուոյ խորհուրդ մտիկ ընէի, աստուած երկու խելք միայն ստեղծէր էր Հայաստանի մէջ, եւ ան խելքերու մէկը կը նկան մը գլուխը լեցուցեր էր, միւսը լեռնցի շինականի մը»:

Ո՜վ է եղեր այդ լեռնցին, հարցուց Տիկինը սուր աչքերը փայլեցնելով:

Սասունցի Յովնան մը:

Յովնանը՜:

Դու Յովնան ուստի՜ կը ճանչես, Տիկին, ես ամենեւին չէի քսէր այդ անծանօթ անունը:

Ինչպէ՜ս չեմ ճանչեր: Ահա մեր մեծամեծ իշխանաց հազար մէկ յիմարութեանց առաջիններէն մէկն էի կ'արհամարհեն, ոչինչ կը համարին իրենցմէ շատ վար գտնուած ժողովրդեան մարդը, նորա խեւլքեն, քաջութենեն, կարողութիւններէն օգուտ քաղել ամենեւին չգիտեն: Հազար անգամ ըսէր եմ եղբարցս էլ, զաւկներուս էի որ օրինակ պէտք է առնուլ նոյնիսկ արաբներէն, նոյնիսկ յոյներէն, որ ամէն մարդու հասարակ զինուորին` նաեւ օտարականին մտաւոր եւ մարմնաւոր զօրութիւնը չեն արհամարհէր` կը վարձատրեն, փառաց եւ մեծութեան կը հասցնեն. իսկ սոքա նախատինք կը համարին անձանց, ո՛չ իբրեւ հաւասարի` այլ իբրեւ մարդու վրայ նայիլ` ժողովրդեան մէջեն ելած մարդուն վրայ, որ խելք եւ յաջողակութիւն ցոյց կ'ուտայ, եւ զանի ոտնակոխ ընել, ոչինչ դարձնել իրենց պարտքը կը համարին: Չեն տեսնէր յիմարները, որ մեր Հայաստանեայց եկեղեցին եթէ այսչափ հալածանաց կը դիմանայ, այսչափ ներքին եւ արտաքին բռնութեանց կը տանի այն պատճառաւ միայն անկործան կը մնա, որ անխտիր մտաւոր կարողութեանց իր դռները բացէր յետին ողորմելի գիւղացին, շինականը, անազատը կառնու իւր ծոցը, կը սնուցանէ, կը մեծցնէ եւ կաթողիկոսական գահոպից վրայ նաեւ կը բարձրացնէք

Բայց այդ Յովնան կը ճանչեմ ըսիր, Տիկին, ուրեմն երեւելի մարդ է:

Եթէ իւր զգեստներն նկատենք, եթէ իւր ազգային անունը նկատենք, եթէ իւր հարստութիւնն ու կալուածները նկատենք` ամենաոչինչ մարդ է. իսկ եւ եթէ իբրեւ քաջ եւ խելօք մարդ նկատենք` մեր բոլոր իշխաններու` ոչ Վասպուրականի համար կ'ըսեմ, այլ բոլոր Հայաստանի իշխաններու մէջ տասն հոգի չեմ գտնէր նորա հետ բաղդատելու համար:

Բայց ինչպէ՞ս կարելի է Արծրունեաց Տիկնոջը այսպէս լաւ ճանչել յետին շինական մը. զիս այդ կը զարմացնէ:

Ես երբ զինք ճանչեցի Արծրունեաց Տիկին չէի` այլ Բագ րատունեաց Օրիորդ: Հօրեղբօրս պալատն ի Տարօն այդ տղան կը տեսնէի. տարեկից իշխանազուններուն հետ կը խաղար, կիյներ, կ'ելնէր յաջողակ, զօրաւոր, առաջին ամէն մարմնաւոր կրթութեան եւ մարզերու մէջ: Նոյնպէս մտաւոր կարողութեան կողմանէ կը զարմացնէր նաեւ այն վարդապետը, որ վարժապետելու եւ ատենադպրութեան պաշտօն ունէր հօրեղբօրս քով: Եւ այն աստիճանի իւր յաջողակութիւնը յայտնի էր ամէնուն, որ դեռ 15-16 տա րեկան, ոեւիցէ դժուար պարագայի իրեն կը դիմէր ամէն մարդ: Ատենադպիր վարդապետը հիւանդ էր` Յովնան կը կատարէր նորա պաշտօնը: Գաղտնի խօսք մը կար մէկուն տանելիք` Յովնանու կը յանձնուէր նոյն պաշտօնը: Հօրեղբօրս տղաքը վտանգաւոր, անել ճամփու մը մէջ մտած էին` Յովնան կրնար զիրենք հանել` ճողոպրել: Մէկ մ՚էլ յանկարծ օր ը խոր լռութիւն տիրեց Յովնանու անուան եւ անձին վրայ, որ անհետացաւ մէջտեղէն. բայց եթէ Յովնան միայն անհետանար զարմանք չէր` այլ միեւնոյն ժամանակ հօրեղբօրս աղջիկներէն սրամիտն ու ծնողաց սիրականը Վասկանուշ, Յունաց սահմանները կ'ուղարկուէր կուսանաց վանքի մը մէջ իւր կեանքը մաշեցնելու: Ամէնուն զարմանք պատճառեց այս դիպուածը բացի ինձմէ. վասնզի ես գիտէի թէ Բագրատունի Օրիորդը եւ Յովնան իրար կը սիրէին, եւ մէկ քանի անգամ իրենց տեսութեան ներկա գտնուեցայ ծաղկանոցին մէջ, ուր գիշերները ժամադիր էին իրար տեսնելու համար այդ երկու սիրահարները: Հետեւանքը սարսափելի երեւցաւ ինձ, յորդորեցի Վասկանուշ մոռնալ այս սէրը, հեռացնել իրմէ այս երիտասարդը, որ թէպէտ ամեհի առիւծ բայց նորա քով ամենախոնարհ եւ քծուն շուն էր. իսկ Օրիորդը թէեւ իրաւացի կը գտնէր իմ խորհուրդս բայց սրտին սիրածեն բաժնուիր շատ դժուար էր. ուստի, երբ յանկարծ այս աքսորները լսեցի չի զարմացայ, այլ դառնացայ` մանաւանդ երբ այս դիպուածեն վերջ հօրեղբօրս հրաւէրին հնազանդելու համար գնացի եւ տեսայ, որ զաւկին հետ ինքն էլ պատժուէր էր եւ երեք ամսու միջոցին մէջ ժամանակեն առաջ ծերացեր էր: Խե՜ղճ հայր, զիս զաւկին պէս կը սիրէր` իւր զաւկին սիրոյն համար` վասնզի գիտէր թէ նորա շատ սիրական էի եւ կերպարանոք էլ նման. յանձն կառնուր հալիլ, մաշիլ, զաւակն սպաննել եւ ինքն էլ մեռնիլ, որպէսզի իւր յիմար ազնուատոհմական ամբարտաւանութենեն բան մը զոհած չլինի: Երթալես քանի մը օր վերջը, զիս տարաւ նոյն ծաղկոցը ժամտեղ Օրիորդին սիրոյն վայրկեաններուն. շրջան մ՚ըրինք մէկտեղ. եւ այն խիստ մարդը, յանկարծ թուլցաւ, արտասուքը գետօրէն աչքերեն իջեցնելով, «Թշուառ հայր եմ ես, Հռիփսիմէ՛, ողբա՛ իմ վրաս», ըսաւ: Իսկ ես նոյն վայրկենին, երբ առանց անմեղադիր ընելու իմ բարեկամուհիս, խնդրել համարձակեցայ, որ բաւական համարի եղած պատուհասը, թոյլ մարդը գազան դարձաւ, արտասուքը վայրկենին չորցաւ եւ երկու շանթաձիգ աչքերով` «Մի՛ խօսիր, մահը միայն զանոնք իրենց արգելանեն կրնայ բաժնել, վճիռն անդառնալի է՜», գոչից: Ես մեր տունը դարձայ սրտաբեկ եւ դառնացեալ: Հօրեղբայրս օրաւուր տկարացաւ` բայց այնչափ տարի ապրեցաւ, որ երբ մեռաւ եւ Վասկանուշի հրաւէր գնաց տուն դառնալ երբ կամենար, նա այսչափ միայն պատասխանէր էր թէ` «Շատ երջանիկ եմ կրօնաւորութեան հաւասար կեանքի մէջ, ուր ազնուատոհմութիւն չի կար եւ աստուծոյ արարածներն հաւասար էին»:

Այստեղ դադրեցաւ իշխանուհին: Իսկ Խոսրով հետաքրքիր` չի կրցաւ համբերել եւ հարցուց.

Իսկ Յովնան ինչպէ՜ս մէջտեղ ելաւ նորէն:

Այդ երկաթէ մարդը սպաննել միայն կարելի էր, բայց, մշտնջենաւոր բանտի դատապարտել յիմարութիւն էր: Հօրեղբայրս` նա էլ Շիրակայ գաւառը, որ իր սեփականութիւնն էր, վանքի մէջ բանտարկել հրամայած էր, եւ ամենայն խստութեամբ պահել, եւ իմանալու համար թէ իւր հրամանը ճշտութեամբ կը պահուէ՞ր, յանկարծ երկու տարի վերջը ճանապարհորդութիւն յանձն առնելով կ'երթար աչօք տեսնելու իւր կալանաւորը, որ բաւական նկուն չգտնելուն համար` կը հրամայէր աւելի խիստ բանտի մը դատապարտել, եւ գտնելով այդ վանքին ընդարձակութեան մէջ գետնափոր սենեակ մը խոնաւ եւ մահաբեր, հոն նետել կ'ուտար այդ անզգամը, որուն եղեռնն էր սիրել գեղեցիկ, սիրուն եւ սիրոյ արժանի աղջիկ մը, եւ որուն վիճակին բարձրութեան եւ հեռաւորութեան միջոցը խեղճ լեռնցին չէր կրցեր, չափել: Բայց կ'երեւի թէ աստուած կուզի երբեմն մեր յիմարութեան աստիճանը մեր երեսին յայտնել, այդ մթին եւ խոնաւ սենեակը, որ խոր վիրապ կը նմանէր, անծանօթ գետնափոր ճամփու մը սկիզբն էր, ուսկից նոյն գիշերը սողալով ելեր, գնացեր եւ ազատէր էր Յովնան: Իսկ Բագրատունեաց իշխանը իւր վրէժախնդրութեան մէջ սխալեալ` լի ատելութեամբ եկաւ Տարօն եւ հոն քանի մը տարիեն մեռաւ, իւր երկու երիտասարդ զաւակաց մահն էլ տեսնելով: Իսկ Յովնան ութ-տասը տարին վերջ լսեցի թէ եկեր էր Սասուն, քաշուած կեանք մը կը վարէր իւր լեռներուն եւ իւր հայրենի գիւղին մէջ, նոյն գիւղացիներուն պէս պարզ ապրելով. ետքը զինքը տէատ մէկ-երկու անգամ եղբօրս` Բագարատ իշխանին տուն, ուր նորա հրաւիրելով կ'ուգար, եւ կ'իմանայի թէ սասունցիք յայտնի իմացուցեր էին, թէ ոեւիցէ՜ բանի համար երբ պէտք ունենար իրենց իշխանը` Յովնան եղբօր միջոցաւ եւ ձեռոք կ'ուզէին, որ կարգադրի: Եւ այս կը նշանակէր թէ ո՛վ ուզէր Սասունն իրեն ունենալ` պէտք էր Յովնան միջնորդ ունենար: Իսկ դու, Խոսրով, նամակ մը, գրութիւն մը չունեցա՜ր եղբօրմես:

Ո՛չ, Տիկին, անկարելի էր, վասնզի շատ խստութեամբ կը պահէին իշխանը. ես երբ հոն հասայ դեռ կրկին շղթայիւք կապուած էր, բայց վերջը կապանքը թուլացուցին եւ բանտը փոխեցին, եւ հրաման եղաւ, որ ընտանիքը երբեմն երթան զինք տեսնեն. կրօնափոխութեան յորդորանք եւ սպառնալիք դադրեցուցին. այս ժամանակ էր, որ ես էլ բանտապետին ձեռք կաշառք խթելով` կրցայ զինք երթալ տեսնել. ուրախ էր եւ յոյս ունէր բոլորովին ազատիլ, ինձ յանձնեց աղաչել Տիկնոջդ, որ ամէնքը հանդարտութեան յորդորես, որպէսզի այս անզգամ եւ անհանդարտ ժողովբդոց մէջ ծագելիք խռովութեան արգելք չլինի:

Արդէն իմ փափագս էլ այդ է, եւ միշտ Աշոտի այս յորդորն եմ տուեր եւ նոյն խրատը կը շարունակեմ: Բայց դու, Խոսրով իշխան, յոգնութիւնդ ա՛ռ, ետքը ժամանակ մի կորսնցնէր, գնա Մոկս, եղբօրս` Սմբատ Սպարապետին, պատմէ ի՛նչ տեսութիւն որ ունեցար Բագարատայ հետ:

Գլխուս վրայ քու հրամանքդ, Տիկին, ըսաւ Խոսրով, ձեռքը պագաւ, եւ հազիւ թէ դահլիճին դռնեն դուրս ելաւ, ընդարմացաւ, փայտ կարեցաւ մնաց` եւ ետ-ետ քաշուելով դարձեալ ներա մտաւ:

Այդ ի՜նչ է, Խոսրով, ի՞նչ կը նշանակէ քու ետ դառնալդ, ըսաւ Տիկինը բազմոցեն ելնելով:

Նայէ՛, Տիկին, տե՛ս, պատասխանեց Խոսրով:

Եւ իրօք Տիկինն ալ ապուշ մնաց տեսնելով Արծրունեաց պատանդները, որ զուարթերես մէկիկ-մէկիկ ներս կը մտնէին իրենք յարգանքը մատուցանելու մեծ Տիկնոջն Արծրունեաց:

Այս ի՞նչ է, այս ի՞նչ յետադարձ է, կ'ըսէր Տիկինը զայրացեալ, այսպէս դուք մեզ կը խաբէք. ձեր փախուստը չէ՞ք իմանար թէ ոստիկանը խաբել չէ` այլ զմեզ:

Բայց չէ, Տիկին, ոստիկանը ձեզի օրեր` ինքն էլ եւ բոլոր իր զօրքն էլ չի կան` կ'ոտրուեցան ամէնքն էլ:

Ի՞նչ կ'ըսէք. ո՞վք էին այդ յիմար գործողութիւնն ընողներն:

Սասունցիք:

Սասունցի՞ք:

Այո, սասունցիք իրենց գլուխը Յովնան ունենալով եկան Մուշ կոխեցին, արաբները բոլոր ջարդեցին, Իւսուֆ ոստիկանն սպաննեցին, մեզ էլ ազատեցին եւ իրենք գնացին Ս. Կարապետի վրայ յարձակող խումբին դէմ:

Հովնանեն զատ ուրիշ գլուխ չի կա՞ր այս սասնցուոց:

Գուրգէն իշխանն էլ միատեղ էր, բայց նա չէր հրամայէր:

Գուրգէ՞ն, Արծրունի՞ն, ի՞մ տղաս, նա՞ այդպիսի յիմարութիւն ըրաւ:

Ո՛չ, Տիկին, մեր Գուրգէն իշխանը չէր. ուրիշ Գուրգէն մ՚էր սա: Մենք զինք չէինք տեսած, բայց սա էլ Արծրունի էր:

Եւ այս խօսքերն պատանիքը ամէնքը մէկտեղ կը զրուցէին, իսկ Տիկինը, որ գունատ եալ եւ մինչեւ հիմա կանգնած կիրքով կը խոսէր, նստաւ իբրեւ յոգնած, իբրեւ թէ ինքնիրեն` «Տէ՜ր աստուած, աս ինչ խառնակութիւն է, աս ի՜նչ շփոթութիւն է», կ'ըսէր եւ երիտասարդաց մէկուն ակնարկ ընելով, «Գրիգոր իշխան, մօտ ե՛կ եւ դու միայն պատասխանն, ըսաւ: Ո՞վ է այդ Գուրգէն Արծրունին, կրցա՞ք իմանալ»:

Այո՛, Տիկին, պատասխանեց պատանի իշխանը, ես իր ծառային հարցրի, իմացայ թէ նոր կը հասնէր Յունաց երկրեն, թէ ինք Արծրունի է հօր կողմէ, Մամիկոնեան մօր կողմէ. գեղեցիկ, պարթեւ, սեւ աչք, սեւ ընքուի, սեւ մօրուք, քսանհինգ-երեսուն տարու երիտասարդ մ՚է, թէ Կոստանդնուպոլիս կայարը աս տղան շատ կը սիրէ եղեր իր քաշութեանց համար, եւ թէ իրեն երկիր էլ տուեր է, եւ թէ աղջիկ էլ ուզէր է տալ, բայց սա թօզեր ամէն բան հիմա հայրենիք կը դառնա:

Սորա հօր անունը իմացա՞ր:

Այո՛, Տիկին, Ապուպելճի մը տղայ է եղեր:

Աս գեղեցիկ պարագայներուն մէջ միայն այս կը պակսէր, —ըսաւ Տիկինը ցաւագին` Խոսրովի դառնալով: Այս Գուրգէն հետը զօրք էլ ունէ՞ր:

Ո՛չ, Տիկին, երկու թիկնապահ երիտասարդ եւ ծառայ մը:

Սասունցիք իրեն կը հնազանդէի՞ն:

Ո՛չ, Տիկին, սա եւ ոչ գործողութեան մէջ խառնուեցաւ, եւ բացի Հովնանէ մարդու հետ նաեւ չի խօսեցաւ: Մէկ օր մը միայն մեզ հետ ճանապարհորդեց, հազիւ թէ մէկ երկու խօսք մեզի ըրաւ: Իսկ երկրորդ առաւօտուն, բարի՛ լոյս մը միայն ըսաւ, եւ ձին քշեց գնաց, մենք կարծեցինք թէ զինք նորէն պիտ գտնէինք, իսկ նա անհետ եղեր էր, միայն գիշեր մը Ոստան հանգչէր էր:

Լաւ՛, իմացայ, գնացէ՛ք հանզչեցէք, տղա՛ք, ըսաւ Տիկինը: Եւ երբ ամէնքը գնացին, տե՛ս, Խոսրով, մարդս հիմա ի՞նչ ընէ. մենք ինչ բանէ որ կը վախէինք, ահա այն կատարուեցաւ, մեր վերջը հիմա ո՞ւր պիտի երթայ` աստուած միայն գիտէ: Սա միջոցիս Ապուպելճի տղան էլ մէջտեղ ելնելն միթէ՜ աստուծոյ պատիժն չէ՞: Ես այնչափ աղաչեցի իշխանին, որ խնայէ այդ մարդու կենաց, իրեն ազգակիցն ու արենակիցն էր. բայց կնոջ խօսք ի՜նչ նշանակութիւն ունի, կնոջ խելք ո՜ր բանի կը հասնի. մարդուն արիւնը թափեց անխիղճ, եւ անիրաւութիւն անիրաւութեան վրայ աւելցնելով իմ որդիս Աշոտ` հօրը յաջորդելով` որբ տղուն ժառանգութիւնը բոլորովին յափշտակեց: Հիմա իմ միտքս շփոթեցաւ. եթէ այդ Գուրգէն երիտասարդ` պատերազմի մէջ մեծացած, որ միայն հանդիսատես եղեր է կոտորածին, միթէ՛ արաբին գործիք պիտի չլինի՞ մեզ դէմ: Արդար դաւաճան մը, իրաւարար մատնիչ մը մեզի կը պակսէր, փա՜ռք աստուծոյ, նա էլ գտնուեցաւ:

Ի՞նչ կ'ըսես, Տիկին, վերջապէս, այդ երիտասարդը Արծրունի արիւն ունի երակաց մէջ. այդպիսի անզգամութիւն չի կրնար ընել:

Ի՜նչ յիմար խօսք զրուցեցիր, Խոսրով, այդ խօսքը զիս աւելի կը վախցնէ հին յիշատակներ միտքս բերելով: Մեծին Ներսէսի ժամանակակից մատնիչ, ուրացող, դաւաճան Մերուժանը մոռցա՞ր, որ Բագրատունի ասպետին շամփուրով պսակուած սատկեցաւ: Նոյնպէս ուրացող դաւաճան Շաւասպ Արծրունին մոռցա՞ր, որ Մեծին Վարդանայ սուրով սատկեցաւ, եւ գրեթէ մեզ ժամանակակից երրորդ Մերուժանը, որ Մահմեդի կրօնքն ընդունեցաւ եւ կորաւ: Ես Արծրունիներէն իրաւունք ունիմ վախելու. այս Արծրունեաց տուն սովորաբար միջին կարգի մարդ չունի, Խոսրով, կամ լաւ մարդիկ կը բերէ, կամ անօրինաց անօրէն կը բուսցնէ:

Այս խօսքերը երբ զրուցեց Հռիփսիմէ տիկին, ոտք ելաւ. թէպէտ յիսունն անցած` բայց դարձեալ իւր գեղեցիկ հասակաւ եւ կենդանի, վսեմ նայուածքով ամէն աչքի ակնածութիւն եւ պատկառանք կը բերէր: Խոսրով այս խօսքերուն պատասխան չի տուաւ, եւ լռութիւն մը տիրեց մինչեւ Տիկինը իբր քունէ արթնցած.

Խոսրով, գնա՛, յանգի՛ր, եթէ ես պէտք ունենամ քեզ կ'իմացնեմ, ըսաւ. եւ երբ Խոսրով գնաց` մտաւ իւր սենեակին կից մատուռը աղօթելու:

Թերեւս բոլոր իւր տան մէջ այս արթուն կինը միայն ունէր սրամտութիւն գուշակելու համար փոթորիկը, որ պիտի Հասնէր, եւ որովհետեւ մարդկանց վրայ յոյս չունէր, նամանաւանդ եւ յիրաւի կը կասկածէր ու կ'երկմտէր, ինկաւ աստուծոյ առջեւ ողբալու իր երկրին կորուստը:

Այս միջոցին Աշոտ իշխանը եւ իւր եղբարք Գուրգէն եւ Գրիգոր որսի, խաղերու, անառակութեանց եւ զուարճութեանց միայն զբաղեալ կին, եւ երբ պատահարն իմացան եւ պատանդներն տեսան, ոչ միայն իրենց մօր հոգերն ու կասկածները չունեցան, այլ ուրախութեամբ իրենց խրախճան ութիւնքն աւելցուցին: Իսկ Գուրգէնի գալուստը բոլորովին արհամարհեցին, տղայ տեսեր էին զինք եւ իրենց միտքը չէր կրնար համոզուի՞լ թէ տղայն երիտասարդ եւ մարդ էր դարձեր

Ի՜նչ մեծ տարբերութիւն այս աշխարհի տէր նախարարաց եւ խեղճ Յովնանու մէջ. լեռնցի մարդը նոյն միջոցին ժողուած իւր եղբայրները` արաբացուոց աւարեալ զէնքերուն կը կը բթէր զիրենք եւ Մուշ գտնուած պաշարը չէր թողուր, որխառնիխուռն անհետանայ, այլ Խոյթի անառիկ տեղուանքը պահպանել կ'ուտար, լեռան դիւրամատոյց գիւղերը ամրացնել կ'աշխատէր, եւ այս գործողութեանց մէջ ոչ իշխանական, ոչ հրամայական ձեւ չի կար իր քով, այլ ինք առաջինն էր իբրեւ մշակ գործելու եւ իր բարի օրինակը միայն կը պարտաւորէր ուրիշներն աշխատելու: