Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Ե. ՏՊԱՒՈՐԱՊԱՇՏԸ

Իր գործին վերլուծման մէջ ճշդելէ ետք փառքին բաժինը, կու գամ՝ զբաղիլ անոր մասերովը, որոնք, թերեւս կամաւոր զանցառումով՝ Թորգոմ Սրբազան պիտի պահէր երկրորդ, երրորդ փլաններու, երբ իր մեծ զբաղումներու կողքին, գրիչ կը շարժէր, այս ու այն կարիքներու ընդառաջումին համար։ Այս կարգէ գործեր են իր քերթուածները, խմբագրականները, տպաւորապաշտ էջերը, քրոնիկները, բարոյախօսական նշմարները, թարգմանութիւնները: Մտնելէ առաջ ասոնց վերլուծական դատումին, բաւ է յայտարարել, որ բոլորին մէջն ալ գոյ է գրագէտը։ Բոլորն ալ կը կրեն նոյն կնիքը, որ այդքան գեղեցկութեամբ, ոճի մը ձեւը առաւ իր մայր վաստակին մէջ, Խրիմեան ով ու Դուրեան ով դրուագուած կառոյցին մէջ։

 

ա. Քերթուածներ

Դուրեան Սրբազանի անբաւ հմտութենէն, պերճ շնորհներէն կը խորհիմ, թէ մեր գրականութիւնը պիտի պահէ « Հովուական սրինգ »ը [1], քանի որ անոր աշխատանքին մնացած մասը հարկադրաբար դուրս կ՚իյնայ իր կալուածէն։ Թորգոմ Սրբազանի համար նման պարագայ գոյութիւն չունի անշուշտ տակաւին այսօր, երբ իր ուսումնասիրութիւնները աւելի քան կենդանի, մեզ լայնօրէն շահագրգռող դէպքեր են։ Բայց քառորդ դար յետո՞j։ Այսինքն, երբ Խրիմեան եւ Դուրեան վերադառնան յատուկ անուններու իրենց ճշմարիտ դերին, պաղելով իրենք իրենց մէջ ու մա՛նաւանդ մեր մէջ։ Դուրեան Սրբազանի համար այս գործողութիւնը կատարուած է։ « Հովուական սրինգ »ը կը դիմանայ մեզի ու մեղմ է վերջիններուն։ Նոյն « Պապիկ եւ թոռնիկ » հատորին համար ընդդէմ պերճ փառքին ու համբաւին, որոնք վանեցի գործիչը գրականութեան կալուածը առաջնորդեցին բռնի, որոնք կը կոչուին « Սիրաք եւ Սամուէլ », « Դրախտի ընտանիք » եւ ընկերք։ Թորգոմ Սրբազանի համար կա՞յ, հնարաւորութիւն, գէթ քանի մը քերթուածներով նուաճել ժամանակին չկամութիւնը ու անցնիլ ճշմարիտ ստեղծողներու շարքին։ Իրողութիւն է, որ անոր անունը կարդացինք քանի մը ընտիր քերթուածներու ներքեւ, ուր զգայնութիւն, մտածում, խորհուրդ ու տանելի լեզու մը իրար կը պաշտպանեն։ Չեմ խօսիր անոր գրաբար քերթուածներէն, որոնք ժամանցի մը հրապոյրը կ՚երկարաձգեն աւելի քան իր սահմանը, բայց չեն յաւակնիր գրական փառքին, ինչպէս պիտի ընէին գլխաւորաբար Վենետիկեան աբբաները, իրենք ալ այցուած ԺԸ. դարու ֆրանսական աբբաներուն ճաշակէն [2] ։ Լեզուական լայն շնորհներ, տաղաչափական ճարտարանք, երբեմն անկեղծ ներշնչում ու չեն փրկեր այդ մեռեալ տարրը Թորգոմ Գուշակեանի քերթողութեան։ Այս վերապահումը կը տարածուի նաեւ այն միւսն քերթուածներուն, որոնք հանդիսական, մտերմիկ նկարագիր ունին ու դրուած են միշտ այս ու այն պատեհութեամբ, այս ու այն անձին խնդրանքով կամ հանդիսաւոր պատերու կնիքին տակ։ Ու ցաւ է ինծի ըսել, որ Թորգոմ Գուշակեանի դիւանին կէսէն աւելին կը գրաւեն այս կարգի քերթուածներ։ Գրաբար տաղաչափութիւն, հանդիսական ոտանաւոր, պայմանադրական աղօթքներ ու երգեր։ Այո՛, բայց որոնց մէջ՝ քով՝ երբեմն ալ ճշմարիտ գոհարներ, ուր մեզի կը տրուի խորունկ հաճոյքը սիրտ մը մտիկ ընելու, հոգիի մը սարսուռներուն հաղորդակից ըլլալու։ Պատրիարքութեան շրջանին, օրացոյցներու մուտք կազմող քերթուածներէն մէկ–երկուքը կը պատկանին այս շարքին։ Այս վերապահումէն ետք, պատճառ մը չեմ տեսնել, որ հատորիկ մը չկազմուի անոր քերթուածներէն։ Ատիկա վկայութենէ մը աւելի բան պիտի նշանակէր իր կեանքէն ու իր միտքէն։

Այսպէս չէ պարագան սակայն իր թարգմանութեանց, որոնք միշտ բարիքը կ՚ընեն առնուազն մեծ բնագիրներու մեր մէջ փոխադրումին։ Եթէ ռոմանթիքներու Եղիշէ Դուրեանի թարգմանութիւնները շրջանին մեղքերովը կը տառապին ու դժուար կը հանդուրժուին, պատճառը, իմ կարծիքով, ընտրուած կտորներուն նկարագրէն կու գայ։ Լամարթինէն ու Հիւկոյէն թարգմանութիւն մը այսօր մեզ կը նեղէ, պարզապէս անոր համար, որ այդ քերթողներու գործէն մերինները թարգմանած են ամենէն հռետորականները, բառի եւ գոյնի մեծ տուրքերով հռչակաւոր, բայց այդ իսկ պատճառով ալ կորստական։ Թորգոմ Սրբազան չէ ինկած փորձութեան մէջ համբաւներէն քաշուելու։

Թարգմանչական իր շնորհները ան փորձի ենթարկած է դեռ սարկաւագութեան օրերէն։ Ու իր բոլոր զբաղումները զինք չեն կրցած արգիլել դառնալէ այդ ախորժանքին։ Կը հաւատար խորապէս այդ մարզանքին դերին, մատաղ իմացականութիւնները այդ մեծ եւ մարդոց կաղապարին մէջ յարդարելու, զարդարելու։ Մոպասանի « Վայրի սագերը »էն մինչեւ « Պողիկտոս »ի շքեղ իրագործումին ընդ մէջ, քառասուն ու աւելի տարիներ կը զետեղուին, անշուշտ կազմելու համար փաստը ամուր, գիտակցուած համոզման մը։

Կը տարբերի մեր թարգմանչական դպրոցէն (Մխիթարեաններ, ռոմանթիքներ, իրապաշտներ) նիւթերու ընտրութեան մասնաւոր ճաշակով մը։ Կը մօտենայ առաւելապէս Չօպանեանին, որ այդ գետնին վրայ մեծ բարերար մը եղաւ մեր նոր քերթողութեան։ Մոփասան, Հիւկօ, Լամարթին (այս երկուքէն բոլորովին տարբեր ընտրութիւններով), Սամէն (որմէ ամենէն շատ), Ֆլօպէր, ՎԷռլէն, Ժան Էքառ, Լը Քոնթ տը Լիլ, Սիւլլի Փրիւտոմ, Հէրէտիա, Պուալօ, Քոռնէյլ ։ Այս ցանկը անշուշտ բան մը կ՚ապացուցանէ։ Բայց ահա՛ աւելին. ասոնցմէ քաղուած հատընտիրներն ալ կը թելադրեն հոգիին զգայնութիւն, մտածման մասնակի կերպ մը, որ օտար չէ դարձեալ իր ընդհանուր գրականութեան։ Միայն ձեւական կերպընկալ գեղեցկութիւններու հանդէպ զգայուն միտքը չէ ան՝ իր նախասիրութիւնը եղաւ խորքին արդար արժէքը վայելչազարդել համապատասխան խնամքովը ձեւին, տարազին։

Քերթուածակա՞ն մը, սա թարգմանութեանց մէջ։ Կրնաք տարակուսիլ։ Ի վերջոյ բանաստեղծները չեն թարգմանուիր։ Ու Թորգոմ Սրբազանին գրիչը երբե՛ք դադար չառաւ, քառասուն ու աւելի տարիներու վրայ, ու դուք գիտէք, թէ ի՛նչ նպատակներու համար։ Քերթուած մը (թարգմանութիւն), միշտ քերթուած մըն է, ո՛ր լեզուով ալ, գրուի։ Յղկել, խնամել, սրբագրել, տառապիլ յօդի մը, գիրի մը, ածականի մը մեղքերով, մինակ ձեւական զբաղումներ չեն պատմեր եւ մեզի։ Ատոր համար է, որ քնարական փոխադրութեանց մէջ ան կը հեռանայ բնագրին ժուժկալ, հարազատ, անհրաժեշտ կաղապարներէն։ Բայց վեր է Հ. Արսէն Ղազիկեանի անայժմէ, չըսելու համար խուժ եղանակին, որով սպաննուեցան դասական մատենագրութեան, գլուխ–գործոցները, թարգմանուած վաստակաւոր այդ Մխիթարեանէն, որ իր լեզուն շատ լաւ գիտնալու մեղքը պիտի քաւէր այդպէս տարապարտ։ Թորգոմ Գուշակեանի թարգմանութիւնները քով քովի եւ կը քալեն Արշակ Չօպանեանի ըրածներուն հետ իբրեւ լեզու եւ երաժշտութիւն։ Բարեբախտաբար զերծ եղաւ Սիպիլեան աւելորդ նրբացումներէն. հնադրոշմ հովը տեղ–տեղ մեզի տաժանքով բռնադրուած սղումները (մեծագոյն առարկութիւնը իր թեքնիքին դէմ), գրաբարէն հոլովական փշրանքներ, յօդին հանդէպ քմահաճ վերաբերմունք մը քիչ-քիչ կը միանան իրարու, զատելու համար անոր թարգմանութեանց լեզուն 1900–էն ետք ընդհանրացած աշխարհաբարին մայր երանգով։

Իր վաստակին մէջ վեր կառնեմ գլխաւորաբար « Պողիկտոս »ը։ Պէտք չէ մոռնալ, որ Սրբազանը վտանգին հետ կը խաղար երկու հարիւր յիսուն տարուան կեանք մը ունեցող գիրք մը արդիացնելու լեզուով մը, որուն պատմականը հարիւրը չ՚անցնիր։ Մենք չափած ենք այդ վտանգը յանձին մեծատաղանդ Բագրատունիի, որ նոյն այդ փորձը ըրած էր՝ հասնելու համար այլապէս դժբախտ արդիւնքներու։ Պատկառելի Մխիթարեանը չէր հասկցած, թէ բեմական լեզուն տարբեր է քնարականէն։ Թէ՝ ճոխութիւն, պերճութիւն, գոյն, հնչում (տարրեր, որոնք յատկանիշները եղան իր գրաբարին) չեն բաւեր տող մը թատերական ընելու։ Զի թատրոնը ամենէն ուշ պէտք ունի ձեւական վայելչութեանց։ (Միշտ յիշել կորանքը Վ. Հիւկոյի շքեղ ոտանաւորին, երբ ահաւոր քերթողը զայն կը լծէ թատերականին Ողբերգութեան մը մէջ տիրականը վիճակն է, պայքարն է, որոնք անմիջական շփումով, զգայարանական հաղորդումով մը պարտաւոր են անցնիլ ունկնդրին։ Այս մասնայատկութեամբ է, որ թատերագիրը կը զանազանուի արուեստի ուրիշ գործաւորներէն։ Ու Թորգոմ Սրբազանի « Պողիկտոս »ը թատերական է։

Մեր բանաստեղծութիւնը կ՚առնէ անունը Թորգոմ Սրբազանին, իր գործէն ալ մէկէ աւելի քերթուածներ։ Իր թարգմանութիւնները կը յիշատակէ յատուկ խնամքով։

* * *

բ. Խմբագիրը

Ըսի, թէ լրագրող մը կար այս մարդուն մէջ։ Ահա՛ փաստերը։ Եօթը տարի սրբազանը խմբագրեց « Սիոն »ը։ Անոր խմբագրականները կրնան հաշտ չըլլալ հասարակաց չափերուն, բանաձեւուած պահանջներուն, կրնան նոյնիսկ դէմ ըլլալ։ Պարագան բան չի փոխեր զանոնք ստորագրողին շնորհներէն։ Իբրեւ պաշտօնաթերթ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան, հանդէսը կը հպատակէր ամենէն առաջ հայ եկեղեցւոյ հին, դարաւոր նախանձախնդրութեամբ մը պաշտպանուած աւանդութիւններուն: Ոչ ոք մտքէն պիտի անցընէր « Սիոն »ի խմբագրականներուն մէջ հակառակը կասկածիլ։ Չեմ կրնար հոս այդ հարուրի մօտեցող կտորներուն մէջ համադրում մը փորձել, արտահանելու համար Թորգոմ Գուշակեանի գաղափարաբանութիւնը։ Ստոյգը ան է, որ, ամրօրէն աւանդապահ, մեր հնադրոշմ կենցաղին մէջ նորութիւններու դժուար ճկող, եկեղեցւոյ բարձրագոյն շահերը պաշտպանելու իր կեցուածքին մէջ քիչ մը եռանդաբար (gelé), Թորգոմ Սրբազան եղաւ մեր պահպանողականութեան ամենէն պայծառ, համոզուած տրիբունը։ Իր միտքը կեդրոն մը պահեց ընդմէջ քարացած-մեռած ձեւականութեան մը եւ այլապէս վտանգաւոր արթնայնութեան, որով մարդեր երկինքը կը մերժեն մարդոց որդիներուն մեծամասնութեան, անոր մուտքին համար կանոնադրելով անժուժելի, ու անմարդկային պայմաններ, իրենց միայն արտօնելու միտքով այդ շատ դժուար փառքը։ Թորգոմ Սրբազան իր եկեղեցին չվարանեցաւ տեսնել իր պատմական, ազգայնական, ամուր քանդակին մէջ. ու իբրեւ այդ եկեղեցիին պաշտօնեայ, գրեց իր խօսքերը։ Այդ խմբագրականներուն ողջմտութիւնը, գործնական կողմը, բարձրորակ գաղափարները, հոգեւոր ու իմացական կեանքին հանդէպ լայնութիւնը, ազգային անցուդարձերու առթիւ անոնց մէջ պարզուած. տեսութիւնները, կեցուածքը, հեռահայեաց թելադրանքները, արտայայտման կոկ, պարզ, ամուր շնորհներով, կը կազմեն իր խմբագրի անաղարտ վարկը։ Պիտի առարկուին անոնց անվճռականութիւնը, անարիութիւնը, անայժմէութիւնը, չափազանց անձնականութիւնը, ամենուն ալ հաճոյանալու թաքուն ձգտումը։ Բոլորը մէկ կը վերածուին իրենց ճշգրիտ արժէքին, երբ կը դիտուին հոգեւոր պաշտօնեայի իր հանգամանքներուն մէջ։ Անզօր զօրութեան մը գործիչն էր ան մեր օրերուն:

« Սիոն »ի մէջ դիւանական ոճը, պետական խորհրդարանի մը վայել արտայայտման ուրիշ նմոյշներ են իր տեղեկագիրները, բացման խօսքերը (միաբանութեան ընդհանուր ժողովներուն նիստերը բացող), որոնք մօտէն կը կերպադրեն մեր մէջ կարելի պաշտօնական, պաշտօնատան արտայայտութիւն մը։ Պոլսոյ Ազգային Ժողովին եւ Պատրիարքարանի նրբանցքներուն մէջ կազմուած այդ ոճը ոչ ոք գործածեց, այնքան քիչ հռետորութեամբ, այնքան առաւելեալ է վայելչութեամբ, որքան ինքը։

Կը յիշեմ հոս « Նօթք եւ նիշք » վերնագրուած իր էջերն ալ, ուր որոշ սրամտութիւն, մարդոց տկար կողմերը երեւան բերելու եւ անոնց գործունէութեան թաքուն զսպանակները ճշդելու փորձ տուրքեր կը համեմուէին լայն հմտութեամբ մը առբերած բարիքներով։ Սրբազանը չէր փնտռեր վէճը, բայց չէր վախնար անկէ։

* * *

գ. Քրոնիկագիրը

Իր մայր գործերը՝ « Խրիմեան Հայրիկ » եւ « Եղիշէ Պատրիարք Դուրեան » իրենց մեկնումի կէտերուն մէջ քրոնիկներ են արդէն։ Միայն շունչին ընդարձակութիւնը ու պարագրկուած հարցերուն լայնքն ու մեծութիւնը զանոնք կը զատեն Արփիարեանէ ստորագրուած յօդուածներէն։ Բայց Թորգոմ Սրբազան ունի պատկերներ, տպաւորութիւններ, կեանքէ էջեր, որոնք գրական այդ սեռին մէջ միայն կրնան արդարանալ։ Կը ծանրանամ « Հնդկահայք »ին վրայ, որ մեծագոյն քրոնիկն է հայ գրականութեան գէթ իբր ծաւալ։

Ան « Հնդկահայք »ը խմբագրած է 1916–ին Արեւելք ու անկէ անդին մինչեւ հարաւի մեծ ծովուն խորերը երկարաձգուած առաքելութեան ընթացքին, երբ ազգային մեծ կարիքներու առջեւ, չվախցաւ իր տկար մարմինէն պահանջելու այլապէս բարձր զոհողութիւններ։ Անկէ տպագրուած են վեց-եօթը պրակներ։ Ամբողջութիւնը կ՚անցնի քսան պրակն ալ։ Ճամբու իբր հասարակ նօթ սկսող այդ տպաւորութիւնները հետզհետէ կը վերածուին շքեղ նկարներու, որոնցմէ վախենալու ոչ մէկ պատճառ ունէր արդէն, իր աչքերուն ուժովը այնքան բարեդէպ կերպով նպաստաւորուած։ Կախարդական է այդ Արեւելքի հրապոյրը, որ կը բարձրանայ քիչ-քիչ, երբ ուղեւորը շփումի կու գայ բնութեան անակնկալ հարուածներուն հետ, այնքան տարբեր՝ Մերձավոր Արեւելքի եւ Միջերկրեայ դաշտավայրերու ընդհանուր կաղապարէն։ Հնդկաստանը երազ մը չէ միայն, Արեւմուտքի մարդոց ուղեղին վերեւ առկախ, այլ նաեւ իրականութիւն մը։ Ու հայու մը համար անիկա հեքիաթ մըն է նոյն ատեն։ Այս ժողովուրդը իր քանի մը առաքինութիւնները արձանագրեր է այդ հեռաստանին խորերը ու ձգեր տրտում վկայութիւնն ալ իր տկարութեանց։ Օր մը շէն, այժմ աւերակ մեր գաղութները Մատրաս էն մինչեւ Ճավա, Թորգոմ Սրբազանին թելադրած են հեքիաթային տպաւորութիւններ, ու հայթայթած անոր հատոր մը, որ պիտի ըլլայ ժամանակին հետ աւելի թանկագին։ Հարիւր տարի յետոյ անիկա արդէն անգնահատելի աղբիւր է մեր գաղթականութիւնները համադրական ուսումնասիրութեան մը ենթարկողին համար: Հաւատարիմ իր մեթոտին, Սրբազանը չէ գոհացած մարդերու այլապէս թանկ վկայութեամբ։ Ան հաւասար գուրգուրանքով հարցաքննած է նաեւ՝ քարերը ինչպէս մագաղաթները, օձերէ բնակուած ու խոտերէն նուաճուած մեր ժամերը, առնելու համար ինչ որ կարելի էր տակաւին ազատել, ընդօրինակելով, լուսանկարելու ինչ որ արժանի էր։ Մեռելներուն, դամբաններուն, անշունչ վկայութիւններուն հանդէպ իր բարեպաշտ պատկառանքը կը բարեխառնուի ողջերը դիտելու, տալու, խրախուսելու այնքան յորդ տուրքերով։ Մեր պատմութեան հին քանի մը սրտայոյզ սարսուռները կը համակեն ընթերցողը, երբ տարիներով հայ խօսքի կարօտ ականջներուն մէջ Սրբազանը կը հոսեցնէ ոսկեղէն հնչումը մեր շարականներուն, կը մատուցանէ ափյափոյ յարդարուած սենեակի մը մէջ, մեր ամենէն թունդ արարողութիւնը՝ մեր, պատարագը, բոլորին արցունքին, սրտազեղման, սփոփման մէջ։ Դիւցազներգակ քերթողներուն գրչին վայել պատկերներ են ասոնք։ Կը մկրտէ։ Կը մխիթարէ։ Կը վառէ այդ պաղած սրտերուն մէջ հեռաւոր Հայաստանի սկսող բախտին հանդէպ ջերմ սէր ու հաւատք։ Առաքելութեան այս ոգեղէն իմաստը կը յորդի ամբողջ գիրքին մէջ, զայն ընելու համար հայութեան հուրքովը մխացող անմահ մատեան մը։ Եւ որովհետեւ այս կարգի գիրքերուն վերեւ առկախ է վտանգը կրկնութեան, միօրինակութեան չոր հաւաքումին [3], Թորգոմ Սրբազան պիտի դիմէ կենդանի կերպին: Մարդեր camper ընելու իր կարողութիւնն էր այդ կերպին առաջին երաշխիքը։ Տեսիլ, տեսարան, պահել, ոգեկան վիճակներ, շրջանակ ինչ որ գրագէտի մը թեքնիքին ենթակայ պիտի ըլլայ, անոր անդրադարձումներէն։ Կան ասոնք բոլորը։ Այնպէս, որ այդ էջերով մեզի պարզուածը հեքիաթունակ աշխարհ մը չէ միայն, բացառաբար նկատուած մեր ժողովուրդին մոռցուած բեկորներուն յուզիչ ցեղայնութեան սիրոյն, երբ ասոնք կը վերադառնան իրենց ազգային քանի մը հզօր առհաւութիւններուն պանդխտութեան աղեխարշ փաստին, սահմանուած զիրենք գերեզմանելու այդ օտար աւազներուն ծոցը, իրենց մէջ չպաղած ազգային կրակը, զոր տասնէ աւելի դարերու գերութիւն մը անդադար կը հրահրէ, իրենց կարօտին մարդկօրէն նետուած զգայութիւնները, քանի որ մեր գաղթականութեան բոլոր անդամները անցած են միջակ ուսումի մը բարիքէն։ « Հնդկահայք »ը կը պատմէ այս բոլորէն։ Աւելին, անիկա հարուստ է ուրիշ կարգէ դիտողութիւններով ալ, որոնք Սրբազանին աչքերուն ու միտքին համար լաւագոյն գրաւականներ կը նկատուին։ Անգլիացին, որ տեսնուած է տիրական ստուգութեամբ մը, միշտ կոկ, լուրջ, պաղարիւն, բայց ուժի ահաւոր մթերքով մը, կայսրութեան խարիսխները վեր բռնող։ Հնդիկը, սա անհուն անձը մարդկային ողբերգութեան։ Աւելի անդին, մարդեր առանց ազգութեան, ըսել կ՚ուզեմ, որոնք կրօնական արարածներ են միայն ու իբր այդ կը շահագործուին Արեւմուտքի դրամէն ու խելքէն։ Հասարակականը, իբր ճնշում ու փարթամութիւն՝ գոյնէ, բոյրէ, գիծէ. լեռներուն զմրուխտ ու ադամանդ կոհակներովը, գետերուն հսկայ երակներովը ու տափաստաններուն մուժով ու մշուշովը, ուր կեանքը մուխի մը պէս կը սաւառնի, մեհեաններու կուշտին, ըլլալով անոնցմէ ներս ոսկի, արծաթ, դիպակ ու շափիւղայ, սրբազան գետերու ափին՝ անսփոփ թշուառութիւն։

Գիրքին ընթերցումը, այս հաղորդումներէն դուրս, ձեր մէջ կ՚արթնցնէ նաեւ ուրիշ գիծէ մտածումներ։ Քանի մը անդամ հարցուցեր եմ ես ինծի. Արուեստի մեծ գո՞րծ մը: Ասիկա անշուշտ անոր համար, որ այցեր եմ մեծ ճամբորդներու յիշատակէն։ Շաթօպրիան, Լամարթին, Լը Քոնթ տը Լիլ, Պօտլէռ, Լոթի, անուանելու համար միայն քանի մը մեծ իրացնողները։ Թորգոմ Սրբազան չափազանց լուրջ եկեղեցական մըն էր, նման յանդգնութիւններ ներելու համար իրեն։ Միւս կողմէն երկաթուղին, հեռագիրը, փոխադրութեան ապահովագոյն միջոցները բարական բան փոխած են այդ մարզերուն միսթիքէն։ 1863–ին վարդապետներու պատուիրակութիւն մը Եթովպիա կը հասնի երեք տարիէն։ Ճամբու իրենց տպաւորութիւնները այսօր մեզ կը զարմացնեն։ Թորգոմ Գուշակեան զգուշացած է ճամբորդական զգայութիւններու փիթթորէսք էն ու համէն։ Բայց իր արուեստի զգայարանքը չէ չափագործած։ Ան իբրեւ հիւանդ երբ կը փոխադրուի բարձր լեռնադաշտերը Հնդկաստանի, կը տեսնէ քիչերու վիճակուած դաշտանկարներ։ Բայց անոնց փոխադրումը իր գիրքին մէջ կը կատարէ մեծ պարկեշտութեամբ։ Ու ան, առանց թերեւս գիտակցելու, կորսնցուցած էր առիթը մեր օրերու Ոդիսական մը խմբագրելու։ Զի այս մարդերը, որոնք հասարակածի տօթին տակ, իրենց ճերմակ սպառումը եւ սպասումը պարզեցին իր աչքերուն, հայու հոգիով ու պապակով, հիմա յաջորդուած են ուրիշներ), դարձեալ ճերմակ կտաւէ պատմուճաններով, բայց որոնց հոգին մոռցած էր պապերուն ձայնը։ « Հնդկահայք »ը մատեանն է այս առ յաւէտ կամ լռելիք զգայութիւններուն։ Ահա՛ թէ ինչո՛ւ Թորգոմ Գուշակեանի տաղանդին կողմերը ճշդած պահուս, գտեր էի անոր մէջ տպաւորապաշտ գրողի գեղեցիկ երակ մը։ Ու քրոնիկագիրը յաճախ տպաւորութեանց վրայ բանող գործաւոր մըն է։ Ան կը բարձրանալ արուեստին, ամեն անգամ, որ անոր զգայարանքովը ծնած գայ մեզի։

* * *

դ. Բարոյախօսը

Բացի զուտ կրօնական նկարագրով բազմաթիւ յօդուածներէն ու թարգմանութիւններէն, Թորգոմ Գուշակեան տարիներու երկայնքի մը վրայ, գրեց փոքր հատուածներ ընդհանրապէս ներշնչուած Ս. Գիրքի այս կամ այն համարէն։ Մեծ էր իր հաւատքը անոնց օգուտին, վասնզի ուղղուած էին անոնք մեծ ուսանողութեան, որ ժողովուրդն է։ Սրտառուչ է անշուշտ իր այս համոզումը։ Կրօնաբարոյական դատողութեամբ գրականութիւն մը կը շահագրգռէ որոշ խաւեր, մեծ մասամբ ամերիկեան կամ անգլիական կրթութեամբ սնած մարդոց մէջ։ Բայց կը հեռանայ հարկադրաբար գրականութենէն։ Սրբազանը չունէր յանդգնութիւնը մխրճուելու խորունկ այն հարցերուն մէջ, որոնք արդի մտածումին մէկ–երկու ընտրեալները խանդավառած են։ Ֆրանսացիներէն կը յիշեմ միայն Ժակ Մարիթէնը, Հանրի Մասինը, Աբբայ Պրեմոնը, որոնց համար կրօնական զգացումին վայել վերլուծումը իմացական բարձրորակ, ինչպէս գործնապէս օգտաշատ արարք մըն էր, ներելի ամէն եկեղեցականի։ Կ՚ենթադրեմք, թէ այդ ոգին ունի նաեւ իր նմանը անգլիացի մեծ աստուածաբաններուն մէջ։ Թորգոմ Գուշակեան զգոյշ եղաւ այդ կարգի հետաքրքրութեանց համար։ Ս. Գիրքին ուսումնասիրութիւնը իրեն համար պատրուակ մը պիտի չծառայէր նոր աշխարհահայեացքի, որ կար արդեն մեր եկեղեցւոյ կողմէն կազմուած։ Այլ պիտի առնէր այդ տիսիփլին ին ուրիշ կողմը գործնական բարոյախօսութեան ընթացիկ մատչելի դասերը։ Այս պարունակին մէջ, իր տուածը չի բարձրանար բացառիկ այն փառքին, որ գործն է, օրինակի մը համար, Ժէ. դարու ֆրանսացի բարոյախօսներուն (Les moralistes français du XVII siècle), բայց չի ալ խեղդուիր տափակութեանց շեղջակոյտին մէջ, որ նուէրն էր քաղաքական, կրօնական հանդէսներու։ Այս ուղղութեամբ հայ բողոքականները դպրոց են կազմած սանկ վաթսուն տարիներէ ի վեր, ռամկացնելու կրօնա–բարոյախօսական աւանդութիւնը, հարցերը, Ամերիկայէն, Անգլիայէն մեր վայելումին փոխադրելով անհուն խեղճութիւններ, ճամարտակութիւններ, այս ու այն ողորմելի փասթէօր ին գիշերաջան արդիւնքները ոսկեզօծելով։ Սրբազանը զերծ է այս մեղադրանքէն։ Նախ չէ մտածած, այսինքն՝ չէ աստուածաբանական. թերեւս այս պարագան է, որ ճակատագրապէս միջակ այդ էջերուն մէջ կարելիութիւն տուած է անոր անձնական իր գիծը քաշելու։ Կը կարդանք հատուածը, մինչեւ կէսը, քիչիկ մը թերահաւատ, քիչիկ մը յուսախաբ։ Բայց ահա երեւան կ՚ելլեն լար մը, կայծ մը, անձնական ապրումի մը հրիտակ փաստերը, որոնք եթէ չեն փրկեր դրուածքին ամբողջութիւնը, գոնէ կը խնայեն անոր բառակոյտի մը յանցանքը։

Ու ատով կը մօտենան գրականութեան։ Աւետարանի «Առաքելոց շաւիղով» Թորգոմ Սրբազան մեզի բերած է իր լայն ու փորձառութեան քանի մը փշրանքները։ Իբր այդ միայն, անոնք մաս կը կազմեն ընդհանուր վաստակին։ « Առաքելոց շաւիղով »ին անգլիերէն թարգմանութիւնը բան չի փոխեր այդ կտորներուն ներքին արժէքէն։  

* * *

Վերջացնելու առաջ այս գլուխը, երկու խօսք ալ կրօնական իր գրականութեան վրայ, որուն լայն բացած էր իր տրամադրութիւնները, եւ որուն լիալիր մշակումը պիտի ընէր « Սիոն »ի մէջ, գլխաւորաբար քարոզներով։ Խօսողի ձիրքերը իր մօտ պիտի ճշդեմ, երբ լինեմ իր գրագէտի դէմքը։ Բեմբասացէն անկախաբար, իր կրօնական յօդուածները կը մնան պարունակին մէջը ընթացիկ գրականութեան մը։ Չգրեց անշուշտ « Խաչի ճառ »ը (Խրիմեան), բայց գրեց « Բեթսամիւսի սայլը »։ Ու իր քարոզները քիչ կը տարբերին Արմաշականներով ընդհանրացած յօրինումներին, որոնցմէ այնքան հեշտագին հպարտութեամբ ստորագրած են մեծերէն մինչեւ փոքրերը այդ քարոզներուն (Ղեւոնդ Դուրեանէն մինչեւ Բաբգէն Կաթողիկոս), իբր թէ այդ գործունէութիւնը պիտի չշահագրգռէր բուն իսկ գրականութիւնը։ Բայց ամբողջ աւանդութիւն մը կայ այդ սովորութեան ետին։ Յօդուածը բարձր գնահատելու պարզմտութենէն չի գար այս զիջումը քարոզին հանդէպ, մարդոց մօտ, որոնք Եղիշէ Դուրեան ու Թորգոմ Գուշակեան կը կոչուին եւ որոնց համար անխառն արժանիքը գիրին, գրուածին դուրս էր կասկածէ։ Բայց ահա աւելին, քիչ անգամ կրօնական իր նկարագրովը պիտի պարտադրէ ինքզինք մեզի որեւէ գրուածք, որուն ներքեւ կայ անունը երկու պատրիարքներէն մէկուն։ Վերջինին համար մանաւանդ վստահ կրնաք ըլլալ, որ ազգային լարը միշտ պիտի զգացնէ ինքզինքը։ Այնպէս որ գրուածքը հարկադրաբար կը դառնայ ազգային, թերեւս Սրբազանին ամենէն բարձր ընդունակութենէն անգիտակցօրէն ազդուած զի հայոց եկեղեցին եւ անոր համար հայոց պատմութիւնն էր գերազանցապէս։ Ու մեր հին մատենագրութեան ընդհանուր մթնոլորտին մէջ ինքզինքը յօրինած մատենագիր մը (Սրուանձտեանց, Խրիմեան) դժուարութեան առջեւ պիտի ըլլար նորոգուելու ։ Թորգոմ Սրբազան չէ գործած ժամանակավրէպը հիներուն ճամբով մեզի խօսելու մեր կրօնքէն։ Ու իր շեղումը մօտէն կը յիշեցնէ Սրուանձտեանցի ազգայնական խռովքը, կը զատուի անկէ հիմնովին, այն նոր ալ զգայնութեամբ, որ կրօնական զգացումը կը սիրէ տեսնել փարթամ արտայայտութիւններէն մէկը իբրեւ մարդերու հոգիին։ Թորգոմ Գուշակեան քիչ անգամ այդ նիւթը մշակած է սակայն նիւթին համար միայն։ Ան կը հաւատար, թէ կրօնական զգացումը կարող է տակաւին ծնունդ տալ մեծ գործերու, արուեստի պարունակէն։ Մօտ քսան դար այդ զգացումը տուած է գլուխ–գործոցները արեւմտեան մշակոյթին։ Աւելի վար ուրիշ քսան դար մը, մեզի մատչելի միակ հետքը կը ձգէ իր տաճարները եւ սրբազան մատեանները։ Իր ուժին փաստը այսքան հզոր օրինակներով արձանագրած զգացումը այսօր ալ կարող էր հրաշքներ իրագործել։ Այս մտածումները իր մօտ ամէնօրեայ իրականութիւններ էին։ Իր դասերը, խօսակցութիւնները, « աշխարհահայեացքը » ամրօրէն գունաւորուած անով, բայց բացի « Առաքելոց եւ Աւետարանի շաւղով » ծանօթ շարքէն, ուր գերակշիռ է կրօնական տարրը, ամէն տեղ ան պիտի բարեխառնէր իր ոլորտը ազգային տարրով մըն ալ։


 



[1]        Անոր գործին ամբողջական տպագրութեան մէջ այդ հատորիկը առած է « Սրբազան քնար » տարտամ անունը, վերածուելով մեծադիր դիւանի մը, ուր մուտք ունին բոլոր չափածոյ տողերը:

[2]        Հետաքրքրական պիտի ըլլար Վենետիկեան հայ քերթողներու գործին մօտենալ, երեւան բերելու համար մեր ռոմանթիզմին քանի մը տխուր, չըսելու համար տղայական կողմերը։ Իրապէս տաղանդաւոր մարդեր՝ Ալիշան, Բագրատունի, Հիւրմիւզ, աշխարհականներէն Օտեան, Պէշիկթաշլեան, Դուրեան, Թերզեան, Աճէմեան, Սէթեան, Պէրպէրեան, բոլորն ալ իրենց հարկը վճարած են ահաւոր այդ նորոյթին, որ առնուազն դարով մը ետ էր իր ժամանակէն։ Եղիշէ Դուրեան, Թորգոմ Գուշակեան կը շահագործեն դպրոցին մնացորդացը, առանց տառապելու։ Արեւմտահայ քերթողութեան վրայ սա զառածումը մեզի պիտի արժէր արեւելահայ արհամարհանքն ու… ծիծաղելիութիւնը։

[3]        Յիշել Սրուանձտեանց Սրբազանի վաստակը, որ հակառակ իր անհուն արժէքին, վիրաւոր է շատ մեծ մեղքերով։ Առանց իր բանաստեղծական զգայնութեան, անոր գործերը պիտի ըլլային անհանդուրժելի։ Մեթոտի մը պակասն էր պատասխանատու այդ վրիպանքին: Սրբազանը կը գրէր՝ ինչպէս գրել կու տային իրեն իր պատմական զգայութիւնները։ Թորգոմ Գուշակեան իր զգայութիւնները զսպել գիտցաւ: Ու պատմութենէն չէ նուաճուած։