Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Է հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Զ. ԳՐԱԳԷՏԸ

Գրական թեքնիքի ուսումնասիրութիւն մը, գիւղական վարժապետի անոր պատրաստութիւնը ինքնին անտեղի, իրաւունք մը կը ստանայ սակայն Թլկատինցիի դէմքին առջեւ, որուն ձգած ժառանգութիւնը ի վերջոյ կը մնայ նժարին մէջ, երբ ուրիշ նկատումներ, փաստարկութիւններ կ՚անհետական ժամանակին ծոցը։

Գործ մը իր ծանրութեամբը ինքզինք կը պարտադրէ։ Տեսանք ասիկա կանխող էջերուն մէջ։ Այդ գործը թէեւ արդիւնք իրարու անյարիր ձգտումները, բացառիկ բախտը ունէր անփոխարինելի վկայութիւններու, քանի որ ուրիշ որեւէ նման արդիւնքէ աւելի կը պատմէր իր ժամանակը, քիչ մը աւելի վեր՝ մարդերը, որոնց գիծերուն ու հոգեկան երեuակներուն մէկ քանին կ՚աւելնային իրենց շրջանակէն, մուտք գործելու ճիգով մը իմաստի աշխարհին մեծ ժողովասրահէն ներս։ « Կտակը »ին հոգեվարքը պիտի չարհամարտուէր Մոլիէռէն։ « Բամպակ Բերան »ը անարժան չէ « Նորման պատմումներէ »էն (Մոպասան) չհիւրասիրուելու։ Այս մերձեցումները կը ձգտին թելադրել, որ մեծ գրագէտի մը մօտ ոճի, արտայայտման, զգայնութեան ուսումնասիրութիւն մը, անոր գործը աւելի յստակ ընելու ծառայող աշխատանք մըն է։

 

Քիչ-շատ տեղեակ ենք անոր նկարագրին յորձանուտ կողմերուն։ Կենսագրական մեր ծանօթութիւնները զանցառելի հարց մը չեն անշուշտ, թէեւ իրենց արժէքը միշտ չէ բացարձակ։ Իր սմսեղուկ, նեղ, մանուածապատ ոճին մէջ իր աղուէս հայրը զգալ՝ արկածախնդրութի՞ւն։ Գուցէ։ Բայց երբ այդ ոճը երբեք չըլլար պարզ–ճակատ, նոյնիսկ առաջին երիտասարդութեան դռներուն ու տարիքին հետ կը թնճկոտի, կը ծամածռի, միշտ խուսափելով ուղիղ արտայայտումէն, միշտ մտածումին եւ անոր պատկերին մէջտեղ բառեր մշուշի պէս խաղցնելով ու կեանքին դէմ կենալու պարտքը միշտ ալ չափազանցելով (դէպի լաւը կամ վատը), մեզի պատեհութիւն կու տայ զինք ընդունելու ընդոծին առաքինութիւն, նկարագիր։ Անոր տաղանդը խանձարարուած է այն խառնուրդ հիւսքին մէջ, որ մեր զգացումներուն, զգայնութեան, կեանքէն ստացումներուն, մեր ներքին յօրինումներուն կախարդը, շղարշն է, նոր բառով մը՝ ոճը։  

Անոր զգայնութիւնը, ամենէն առաջ։ Չի բառեր գիւղը ծնած ըլլալը, առաջին ու երկրորդ մանկութիւնը ապրիլ այդ աշխարէն մէջ, որպէսզի բացատրուին մեր մէջ կարգ մը հակումներ։ Նմանապէս, աւելորդ է սաստկացնել նշանակութիւնը քաղաք փոխատնկումի մը (transplantation), որպէսզի բացատրենք մեր տիպարներուն անաւարտութիւնը, երկկենցաղութիւնը, երբ հասուն մտքով մեր գործը կու տանք։ Չեմ լայներ սա դիտողութիւնները, խնդրական ազդեցութիւններ փնտռելու եւ... գտնելու միամտութիւն մը ոսկեզօծելով, խորունկ բաներ ըսելու դէպի պատրանք մը ճամբայ բանալով։ Թլկատինցին որբ մըն է։ Թլկատինցին ժամու ձէնով տղայ մըն է։ Իրիկուն առտու, ամէն օր, գիւղի եկեղեցին այն կատարած է տիրացու պզտիկի սրբազան պարտքեր։ Ժամէն ու դպրոցէն դուրս՝ դաշտը, արտերը, լեռները, ջուրերը։ Ասոնց ծորումները անօգուտ բաներ մի՛ նկատէք (Պոլիս ան Արփիարեան մը կրնար ըլլալ շատ շատ)։ Աւելցուցէ՛ք տունին ալ տուածները այդ տարօրէն ընկալուչ ջղային դրութեան։ Ամենօրեայ տագնապը դժուար հացին, քանի որ մայր մը կայ միս–մինակ օճախը պահելու պարտքին դիմաց։ Նեղութիւնն ու գաղտ լացերը այրի կիներուն, որոնց տառապանքը չեն հասկնար պզտիկները, բայց կը զգան, թէ ի՛նչ է գինը այն չոր հացին, զոր սեղանին վրայ կը գտնեն դպրոցէն դարձին, կամ զոյգ մը ոտիցին, որ խանութէն իրենց ոտքերը գալ զիջելու համար աշխարհ մը խօսք, խնդրանք է արժեցուցած։ Կը գրեմ այս մանրամասնութիւնները, ցոյց տալու համար որ մեր զգայնութիւնը, գո՛րծ՝ մեր մատաղագոյն տարիներու տպաւորութեանց, իր հէնքը կ՚առնէ շատ կանուխէն։ Թլկատինցիի մէջ գիւղը՝ յատակ է ամբողջ ու անխորտակելի։ Ու շէնքը, տառապանքը այն փլազման, ուր հոգին պիտի սնանի։ Ի՜նչ յիմար էին մարդիկ, իմ շուրջը, գիւղը, ինչպէս քաղաքը։ Որքա՛ն անգթութիւն, անասնութիւն եմ չափեր իմ պզտիկ խելքովս, երբ հացին հարկը զիս կը նետէր այս ու այն սեղանին փշրանքներուն։ Ու դառնութիւնը, որ իմ մանկութեան օրերուն վրայ մթնոլորտ մըն է, զիս առած է իր անկապտելի երանգին տակ։ Պատճառ մը չունիմ Թլկատինցին տարբեր մտապատկերելու։ Որբի խրճիթ, գիւղի ժամ, յիմար փողոց, կնիկներու կռիւ, մարդերու բռնութիւն, հացին որսը, ձիւնին բուքին վազելը, ծառայելը, ուրիշին հիները հաւաքելը, երբեմն գողութիւն՝ ունեցողին արտերէն, մառաններէն, երբեմն երջանիկ հոգածութիւն պառաւներէ, մարդերէ, մեծերէ։ Ու միշտ ազատ ու անխարդախ բնութիւնը, ուր պիտի դիմէ արցունքները թափելու, հանգչելու, զովանալու համար ամեն անգամ որ մարդոց չարութիւնը յաղթական է քու հպարտութեան վրայ։ Այս պայմաններուն մէջ կազմուած զգայնութիւն մը պիտի ըլլայ բարդ, խոր, դառնահամ (եթէ կը ներուի), հասուն շատ վաղուց, մարդոց փոքրութիւններուն դէպի արմատները արեւելուած, արարքները իրենց ճիշդ զսպանակներուն վերածելու ատեն քիչ մը կողմնակալ, չընդունելու աստիճան բարին, որուն այնքան քիչ է ըրած հանդիպումը, տեսնելու համար անհուն ու մէկ եսասիրութիւնը, որ կատակն է մարդոց հոգիին։ Թլկատինցի այս պատանութեան կը պարտի իր այնքան դառն, սուր, անողոք կերպով շնական զգայնութիւնը։ Հիմա, նետեցէք այսպէս կազմուած սա կեղերուն վրայ ինչ որ գիտէք այս կեանքէն, գիւղական վարժապետի իր ապրումները բոլոր, որոնք հատորներու նիւթ կրնան տալ (ես իմ ետեւ ունիմ քանի մը նման գիւղեր։ Անոնցմէ մէկ հատին իսկ նկարագիրը չեմ կրցած հարազատ էջերու մէջ խտացնել)։ Բերէ՛ք, միշտ ձեր գիտցածներէն, այդ վարժապետին փորձառութեանցը մէջ նետելու մասնաւոր պայմաններ, որոնք հայ մարդունն են եղեր բռնապետութեան, ջարդերուն, մեր քաղաքական տագնապներուն, ազգային երազներուն համատրոփ յոյզերուն, խռովքներուն ընդմէջէն. դուք անշուշտ չէք ունենար ամէն կերպով չափելի յստակ փորձարկութիւն մը գրագէտ որակուած կենդանիի մը յատկանիշներէն, բայց կ՚ունենաք մօտաւոր բան մը։ Մեր զգայնութիւնը միշտ մեզ գրագէտ մը չի յօրիներ։ Բայց առանց սեպհական, ուրիշներէն տարբերող ջղային դրութեան, չկայ վաւերական գրագէտ, արուեստագէտ։

Ի՞նչ մասնակի (spécifique) տարրերէ կազմուած է Յովհաննէս Յարութիւնեան մականուանեալ մարդուն զգայնութիւնը։ Ո՞ւր եւ ինչո՞վ կը տարբերի ան իր շրջանակին միջինէն։ Ինչո՞վ ան արտայայտութիւնն է, նոյն ատեն, այդ միջինին։ Ամէն գրագէտի համար իրենց արժէքը անկորուստ պահող սա հարցումները Թլկատինցիի դէմքին առջեւ կը գտնեն այլապէս բարձր շահեկանութիւն, քանի որ մեր գրականութեան մէկ–երկու խորագոյն ձգտումները, նկարագիրները համադրուած կը կարծենք սա գեղջուկ իմացականութեան ետին։ Ու արեւմտահայ գրագէտներէն ամենէն ազգային, հայեցի դէմքը ըլլալու համբաւ մը զիջեցանք իրեն, երբ կ՚ապրէր։ Պատասխանելու համար այս հարցումներուն, աշխատանքը կը ներկայանայ վերակազմելու իր դէմքը, համապատասխան յօրինման մը ձեւով:

* * *

Անոր գործին անդրանիկ, առջի վաղը, ըսել կուզեմ՝ այն պատկերը, որ անոր զգայնութեան եւ արտաքին աշխարհին փոխադարձ ազդմունքներուն վկայութիւնը կազմեց, պատկերացման, տպաւորութեանց հանդէս մըն է։ Սրուանձտեանցի գիծը ամուր է այս արդիւնքին մէջ։ Քիչ մը արք, քիչ մը ազգագրութիւն, տիպարներ, մեծ մթերք մը կեանքի, ուրկէ գրաքննութեան ըլլան զիջուած Ալիշանի սերունդին ազգայնական զեղումները։ Իրապաշտական խանդոտ պահանջները կարեւոր չափով մը տեղ ունին սա վերարտադրումին մէջ։ Ըսի՞, թէ առանց Բադալեանի դժուար է Թլկատինցին։ Դիտել կու տամ՝ ո՛չ մէկ յաւակնութիւն, այդ ճիգին տալու գրական հանրապաշտ տարազներ ու գաղափարական կանխորոշ դրութեան մը հովը բան մը զոր պիտի ընէ ին, աւելի յետոյ, իր աշակերտները, մէջտեղ նետելով վաղուան գրականութիւն բանաձեւը [1] ։ Տեսութեան, քարոզի փոխարէն, ան կ՚իրագործէ ։ Ու այդ իրագործումն է, որ կը խտացնէ թէ՝ վաղուան գրականութեան, թէ Թլկատինցիի գրականութեան ու նոյն ատեն հայ գրականութեան ամենէն ամուր յատկանիշները։ Քրոնիկի բաժինին մէջ այդ յատկանիշներէն ոմանք ինկան քննութեան։ Կ՚աւելցնեմ ուրիշներ.,

ա. Բարբառային բացառիկ արժէք մը, որ կը գոյանայ լեզուէն [2], ինչպէս գրականութեան ու բարքերուն անփոխարինելի նպաստներովը։ Մի տեսնէք զայն արեւմտահայ գրական ընդհանուր արժէքներու ցուցանիշներով։ Պիտի խաբուիք չարաչար։ Այլ տեսէ՛ք զայն ինք իր մէջ։ Զայն գրած ըլլալն իսկ փոքր արժանիք մը չէ, երբ պոլսական աշխարհաբարին հմայքը այնքան հզօր էր իր պատանութեան ու գաւառի թղթակիցները անտանելի՝ ստրկութեամբ կը կրկնէին այդ Պոլիսին ծեքծեքուն, նուաղո՜ւն սխրանքները, գրաբարով համեմուած ու Վենետիկով վսեմացած։ Թլկատինցի, ճաշակի որոշ ապահովութեամբ մը, պիտի ճարէ իր բարբառը, խորքին մէջ արեւմտահայ ուրիշ կերպ մը անկարելի էր, որքան անհեթեթ բայց տարրերուն կազմովը, մանաւանդ բառամթերքովը քիչիկ մը տարբեր շրջանին պատկերէն [3] ։ Ժամանակը այդ լեզուն չզարգացուց անշուշտ, բայց չտկարացուց ալ։ Մինաս Չերազի « Արեւելեան նորավէպեր »ուն եւ « Առ զեփիւռ » անուանուած ոտանաւորներուն միջեւ լեզուական շրջափոխութիւնը ուշագրաւ է, ի նպաստ գրողին, ինչպէս « Նայինի պատանին » (Եղիշէ վարդապետ Դուրեան) եւ « Անառակը » (Եղիշէ եպիսկոպոս Դուրեան) քերթուածներուն պարագան։ Թլկատինցիի առաջին քրոնիկներուն եւ « Նաւասարդ » տարեգիրքին մէջ՝ հրատարակուած « Ամարուան նոր արմաղանը » նման փաստ մը չեն արժեւորէր: Ինչ փոյթ, սակայն։ Թլկատինցիի « Ամբողջական գործը », իր ուրիշ հսկայ արժանիքներուն հետ, կը զատուի հասարակաց պատկերէն բացառիկ առատութեամբ մը գաւառական ասութիւններով, բնատոհմիկ ոճերու, որոնք ժողովուրդի մը ամենէն հարազատ ստեղծումները կը նկատուին։ Հետաքրքրական աշխատանք մը պիտի ըլլար այդ նմոյշները վերլուծել, դրական տեսակետներով։ Ինձի այնպէս կուգայ, թէ քիչ հեղինակի մօտ մենք պիտի հանդիպենք այն տուեալներուն, որոնք, որքան ալ խնդրական, ժողովուրդի մը ամենէն թաքուն շնորհները, զգայնութեան ոճը կը յայտնաբերեն, այդ առատութեամբ, ճշգրիտ տարողութեամբ։ Մէկ մասը այդ ասութիւններուն բացատրուած է էջերուն ներքեւ։ Ուրիշներ՝ կը հասկցուին հատորին կցուած բառարանով։ Այդ ոճերը պատկերաւոր արտայայտութեան նմոյշներ չեն, գրագէտի մը թափանցամտութիւնը պարզող, այլ այդ ժողովուրդին իսկ դարաւոր ստեղծագործութիւնը։ Թուրքերէնը, որ արեւմտահայ խօսուած լեզուին մէջ մեծ չափով կը միջամտէ այդ ասութիւնները յօրինելու, Թլկատինցիի ոճերուն մէջ պատուած է նուազագոյն աստիճանի մը վրայ։ Ու զարմանալի ոչինչ կայ հոս։ Պոլսահայ աշխարհաբարը թուրքերուն Պոլիսովը պայմանաւոր է։ Ծոփաց աշխարհին շինական բարբառը մինչեւ Մեծն Տիգրան կը բարձրանայ։ Ու այդ հազարամեակներուն ազդմունքներն են հաւանական կերպադրիչները մեր գաւառական ասութիւններուն։ Կը հետեւի, թէ ազգագրական ինչ թանկ տարր մը կը պարունակեն անոնք։ Ամբողջ անգիր պատմութիւն մը [4], բարքերէն բիւրեղացած, կը քնանայ անոնց խորը։ Ազգագրական աշխատանք մը, որ արեւելահայ կազմակերպուած իր ձեւին մէջ հասաւ որոշ արդիւնքի, չունեցաւ համապատասխան լրջութիւն արեւմտահայ անկազմակերպ, բախտին ձգուած եղանակին մէջ։ Թլկատինցին այդ գետնին, վրայ երկրորդ կու գայ, առաջինը ըլլալով Սրուանձտեանց։ Ազգագրական, պատմական այս նկատումներէն դուրս, Թլկատինցիի լեզուն, իբրեւ գրագէտի գործիք մը, կը պարզէ որոշ տկարութիւններ։ Առաջին հաստատումը այս ուղղութեամբ, չըլլալն է այդ գործիքին այն տիրական բանը, որով գրագէտ մը ո՛չ միայն իր աշխարհը կը նուաճէ, կը կերպադրէ, այլեւ իր ժամանակին ոճ մը կու տայ, առնուազն սերունդի մը արտայայտութեան colorie–ն։ Թլկատինցի ազդած է ուրիշ ուղղութեամբ։ Իր աշակերտները իրմէ գրել չեն սորված, եթէ այս բառը գրելու մեքենական նկարագիրը կը պատմէ։ Բայց սորված են կեանքը տեսնելը, որ իր կարգին մեծ ուսում մըն է։ Դպրոց կազմող ոճ մը, այս իսկ սահմանով, արդէն կը հերքէ ինքնատպութիւնը, որ Թլկատինցիին ամենէն անառիկ առաքինութիւնը կազմեց։ Գաւառական անուանուած մեր գրողներուն ոճը ոչինչով պարտական է Թլկատինցիին։ Մեծ գրագէտ մը, սակայն, շատ մը բաներ ըլլալուն չափ, նոր, եթէ ոչ մեծ ոճ մըն է միշտ։ Թլկատինցիի պայմանները չարտօնեցին զինք, որպէսզի այդքան ընդարձակ զգայնութիւն ու դիտողութիւն գտնէին համապատասխան արտայայտութեան եւ միջոց մը։ Լրագիրը անոր անպարտելի փորձիչը մնաց։ Գաւառը՝ ուրիշ փորձանք մը։ Գրաքննութիւնը՝ երրորդ մը։ Թլկատինցիի նախադասութիւնը գծաւոր, խորտուբորտ, սողոսկուն կերպով մը կը յիշեցնէ ճակտի գիծերը իր գիւղացիներուն, անոնց վախվխուն, միշտ երկդիմի կերպը ըսելու, դատելու, անվստահ քայլքը գիւղացիին, որուն ջիղերը դարաւոր ազդեցութիւններ կը ծրարեն, առանց գիտնալու։ Մութ, մանուածոտ, զիկզակ այս նախադասութիւնը թերեւս պատճա՛ռ՝ որպէսզի անոր միւս շնորհները, կեանքի, դիտողութեան, սուր հեգնութեան, թափանցող վերլուծումին տաղանդը չհասնէր իր ճշմարիտ, արժանաւոր բարձունքին։ Լեզուն կ՚ընէ այս կարգի դառն կատակներ։ Չրաքեան, Երուխան զոհեր են իրենց լեզուներուն։ Ու հոս է թերեւս բանալին այն վերապահութեան, որ կը վարանի մեր գրականութեան ամենէն վաստակաւոր այս դէմքին զլանալ իր տիտղոսը։ Չկայ գրագէտ մը, որ անոր չափ հայ տարր հայթայթած ըլլայ մեր գրականութեան։ Ասիկա արժանիքէն անդին մեծութիւն մըն է, երբ քիչիկ մը լայնեմ գծագրումին միջոցը ու ժամանակին մէջ երկարեմ արդիւնքները մեր մեծ գրողներուն։ Այսպէս ըսուած հայեցիութիւն մը չի կրնար զսպանակ ծառայել այս գնահատումին։ Թլկատինցիին մօտ գրագէտը՝ ամէնուն հետ բաղդատուած, կը շահի իր ազատածին քանակովն ու որակովը ։ Ու ազատուածը փոքր զգայնութիւններու հաւանական ժառանգութիւնը չէ։ Որչափ ալ մեծ, սխրալի ըլլան տաղարանները մեր մեծ քնարերգուներուն, աւելի մեծ չեն, քան մեր ժողովուրդը։ Որքան ալ ճարտար արուեստով մը մեր Պոլիսին քանի մը կողմերը ըլլան նուաճուած մեր իրապաշտներէն, այդ կողմերը կը մնան շատ մասնակի, շատ նիհար, երբ մերձեցուին ամբողջութեանը մեր կեանքին։ Արդ, այն գրագէտը, որուն մէջ այս ամբողջականութիւնը ամենէն պայծառ ձեւով մը ինքզինքը կ՚ընէ զգալի, Թլկատինցին է դարձեալ [5] ։

բ. Թլկատինցիի ոճ մը գոյութիւն ունի անտարակոյս, ճիշդ է՝ բոլորովին հեռու ոճ ըսուած հանրածանօթ յղացքին մեղքերէն, որոնք արեւմտահայ գրական արդիւնքը գրեթէ կը խեղդեն իրենց անտեղի զարդերուն ներքեւ։ Խօսեցայ անոր ձգձգուն, սողոսկուն, անհարթ, քիչիկ մը բիրտ հանգամանքներէն։ Ըսի, թէ այս հանգամանքները թերեւս անկախ ալ էին գրագէտէն, որ վտանգի գնով միայն պիտի կրնար ինքզինքը ազատագրել անոնց մեղկացուցիչ նպաստէն։ Գիտենք ասիկա Զարդարեանի վրիպանքէն, Խրիմեանի քարոզամոլ, տափակութենէն եւ մեր գաւառատիպ միւս գրողներուն ոճին ճակատագրէն, երբեմն անկանգնելի կերպով հետեւակ, երբեմն անբաւական, երբեմն զանցած ինքզինքը (դիտել Զարդարեանի անիմաստ lռետորութիւնը, բանաստեղծականութիւնը, երբ մենք եւ յղփանալու աստիճան կու. տ էինք այդ ամենէն)։ Ծուռիկ–մուռիկ, քիչիկ մը աղուէս, միշտ լեցուն, յաճախ խիտ, աւելի յաճախ ինքնատիպ, փնտռուած ըլլալու մեղք մը թելադրելու չափ, Թլկատինցիի ոճը կ՚անձնանայ, կ՚առանձնանայ։ Իր թերութիւնները չեն կրնար կործանել մեծ անոր բարիքը, որ նմոյշ մը ըլլալու է շրջանէ մը, մտայնութենէ մը, հոգեբանութենէ մը, այսօր ընդմիշտ շիջած. եւ ասոնք փրկած ըլլալու բարիքով մըն ալ կրկնաւոր։ « Պապիկ եւ թոռնիկ »ը գիրք մըն է, որ մեզ կը գրաւէ, հեղինակէն անկախաբար։ Իր պարունակութեան թանկ խտութենէն կու գայ ատիկա։ Ու միշտ արուեստագէտ մը չէ անհրաժեշտ, մեզ շահագրգռելու համար մշտապէս կենդանի իրականութիւններու, տագնապներու։ Թլկատինցին չի մեկուսացուիր իր աշխարհէն։ Այդ աշխարհը ու ասոր ոճաւորումը (գիրք մը կեանքի մը, ճարտարապետութիւն մըն է յաճախ) անհրաժեշտ են իրարու։ Վերցուցէ՛ք Թլկատինցին « Գաւաթ մը միայն »ին ետեւէն։ Ձեր գտնելիքը, այսինքն՝ պատմութիւնը, չ՚անցնիր միջակ զաւեշտի մը պարունակը։ Վերցուցէ՛ք Խրիմեանը «Պապիկ եւ թոռնիկ»էն. թերեւս գիրքը, պիտի շահէր, քարոզային իր նկարագրէն բարեբախտ ձեւով մը զատուելով։ Կը հասկցուի, թէ արուեստի գործ մը նիւթին չափ պարտական է ձեւին ։ Չեմ ծանրաբեռներ վերլուծումը այդ ոճին յատկանիշները մի առ մի քննելով։ Կանխող փարակրաֆը ըսած է կարեւոր բաներ այս մասին։ Կը տարածեմ միայն անոր ինքնատպութեան իմաստը, այն պարզ պատճառով, որ ատիկա եզակի բան մըն է, իրագործուած անոր նախնական, գեղջուկ ուղեղին սեպհական տուրքերով։ Ոչ ոքէ սորվեցաւ ան ածականները լեցուն, ամուր, միշտ անհրաժեշտ՝ ընելու արքայական խստապահանջութիւնը, երբ իրմէ առաջ, իրեն հետ մարդիկ գրելը վերածած էին բառական ճարտարապետութեան մը, որ դէպի տափակութիւն կամ բռնազբօսութիւն իր ճակատները կը պարզէր անծակ երջանկութեամբ մը: Ո՛չ, ոքէ սորվեցաւ ան հռետորական չըլլալը, առանց որու գործ չունէր մեր գրականութիւնը իրմէ առաջ ու իրեն հետ։ Ո՛չ ոք իր գլխուն քարոզ կարդաց, իր գրական խառնուածքը կերպադրելու աստիճան յամառ հետապնդումով մը, թէ ոճի մը ամենէն անկորուստ արժանիքները կը հայթայթուին ամէն ստեղծումի աղբիւրը մնացող մեծագոյն հեղինակէն, զանգուածէն, որուն փողերանոցը [6] չի դադրիր տիւ եւ գիշեր աշխատելէ, հիները նորոգելու եւ նորերը վերակազմելու չկասկածուած գիտութեամբ մը։ Խօսուած բարբառին իրեն չափ մօտիկ մնացող դժուար է հաստատել մեր գրողներուն մէջ։ Մի՛ խաբուիք Խրիմեանի պարզութենէն, որ շատ յաճախ աղքատութիւն է, չըսելու համար՝ տափակութիւն։ Գրագէտը այդ տափակութեան դէմ բնազդաբար հակադրութիւնը ունի իրեն պայման։ Ու Թլկատինցին անտեղեակ չէ վտանգին որ կը կրկնէ (talonner) բոլոր եւ աղքատները, կամաւոր պարզապաշտութեան մը առաքեալները, ասոնց աչքին վարագուրելով անդարման խօթութիւնը իրենց անժառանգ ծնունդին։ Ամբողջ արեւելահայ քերթողութիւնը կսկծագին փաստ մըն է այս ինքնապատրումին։ Թլկատինցի վտանգէն խուսափելու իր ջանքին մէջ երեւան բերած է հակադիր տագնապը։– Փնտռտուքին, բռնազբօսութեան հոտը երբեմն կը բարձրանայ իր էջերէն։ Իր նախադասութեան օրկանիք թուլութիւնը, խորտուբորտութիւնները, անկիւնաւոր պատկերը զեղծումներ են, որոնք ծնունդ են տափակութենէն սարսափի մը։ Շատ քիչ անգամ անոր նախադասութիւնը գետնաքարշ է (նախադասութիւն մը՝ ոճը չէ), այսինքն, անկանգնելի կերպով ինկած։ Այս ճշդումը աւելի քան գրաւական մըն է հոս գրագէտին մեծութենէն։ Ի՞նչ է այս մարդուն գործը, եթէ ոչ ամենէն համեստ մարդոց բերնին ամենօրեայ արտայայտութեանց գումարը ։ Ու հոս է տարօրինակը։ Թլկատինցի գաղտնիքը ունի հետեւակ ըլլալու: Ամէն բառ, իր մէջէն անցնելով, կ՚առնէ այդ թաքուն յատկութիւնը անոր տաղանդին էութեան ու կը մկրտուի անով։ Գործին կէսը խօսակցութիւնն է անշուշտ։ Եւ այդ մարդիկը չեն խօսիր արուեստէ, իմաստասիրութենէ, մտաւորականը խանդավառող խոր, մշտայժմէ հարցերէ։ Անոնք իրարու պատմելիք ունին իրենց ամենէն սովորական ցաւերը, բնական զգացումները. յաւիտենական հարցե՜ր, իրենց հասկացողութեան ծիրին մէջ թաւալող, հացին, պարտքին, մեղքին, սիրոյ եւ մահուան մեծ հարցերը։ Եւ սակայն մեզ կը գրաւեն։ Կը ճանչնա՞ք աւելի բարձր կարողութիւն, քան գիւղացիներու ուղեղով քաղաքը գրաւելու սա նախնական ռազմավարութիւնը։ Աւելի՛ն. յիշե՞նք, թէ հարիւր հազարը անցնող նախադասութեանց գումարին մէջ Թլկատինցի չունի մէկ հատիկ իսկ, գրական որակուած տեսակէն, որուն նմոյշները կը հաստատեմ մեր ամենէն գիւղացի գրողներուն մէջ, Հրանդի եւ Համաստեղի, չյիշելով Զարդարեանը, որ քաղքենի պչրանք մը, պոլսավարի սեթեւեթ մը երբեմն չէ արհամարհած, մա՛նաւանդ արձակ քերթուած յորջորջեալ որձեւէգ սեռին մէջ։ Անոր նախադասութիւնը ստրկական պատկեր ալ չէ 1880–ի տժգոյն յօրինման կազմուած ենթակայ–բայ–խնդիր երրորդութենէն, ուղղափառ, կանոնաւոր ու կոկիկ։ Այս մարդը այս նախադասութիւնները չէ չափած, չափչփած, կտրտած, տեղ–տեղ ալ բամպակով թխած, որպէսզի յարմարցնէ զանոնք օրուան նորոյթին։ Խորշանքն ունի այդ արարողութեան, այնքան որ կը նախընտրէ բիրտ, խժալուր, անուղիղ ըլլալ, քան թէ ողորկ, տժգոյն, տափակ։ Այս է պատճառը թերեւս, որպէսզի իր ինքնատպութիւնը չնմանի ոչ ոքի ինքնատպութեան։ Ինչպէ՞ս ան հասած է ասոր, երբ ամէն ինչ բնոյթը ունէր զինք անկէ հեռացնելու։ Թլկատինցիի փառքին երկու ամուր յենակները, իմ կարծիքով, իր աշխոյժը եւ իր ինքնատպութիւնը տուին։ Ծանօթ ենք բոլորս, թէ հրապարակէն զարհուրելու, զատուելու մեծ ջանքերը երբեմն ո՜ւր կը տանին մեզ։

Բռնի ինքնատպութիւնը շատ շուտով կը նոյնանայ գրական աճպարարութեան, որմէ շքեղ նմոյշ մըն է Եղիայի գործը, որմէ տրտում, ցաւցնող օրինակ մըն է Չրաքեանի « Ներաշխարհ »ը։ Ու ոչ ոք կ՚անգիտանայ այս երկուքին հսկայ տաղանդները։ Խնամքով, զգուշաւոր touche–երով ճարուած գրելու փորձառութիւն մը (չըսելու համար գիտութիւն մը), չաճապարող, քիչիկ մը երազկոտ թափառում մը՝ բառերուն թելադրած բազմատեսակ զգայնութիւններուն ետեւէն, գոյնի, ձայնի, ուժի ստեղներով, ու այսպէս ճարուած ճաշակ մը դրէք մեր երկրին պատկերներուն դիմաց, դուք կունենաք Զարդարեանի արտաքին աշխարհը, ուր ներդաշնակութիւն, կանոնաւոր դիմագիծ, գրական ջնարակ, հոգածութեամբ ճարուած վերադիրներու կարգապահ բանակ մը կը վարեն տողը, երբեմն ծածկելու աստիճան սկզբնական նպատակը, քանի որ այսպէս գործադրուած ոճը արձակ քերթուած մըն է, ու քերթողութեան բոլոր տկարութիւններով տառապող, երբ չենք ծնած իբր այդ։ Նոյնը, մօտաւոր չափով՝ Վարուժանի, Մեծարենցի, Թէքէեանի գրական զգայարանքներուն համար, որոնց տարողութիւնը որոշ բաժին մը կ՚առնէ այս պարկեշտ, իր ըրածը յարգող, հոգածու հոգեբանութենէն։ Սաստկացուցէ՛ք խնամքը, աճեցուցէ՛ք խղճմտութիւնը, վախը, երբեմն ամլութեան առաջնորդող պահեցողութիւնը. նօսրացուցէ՛ք գրական պարկեշտութեան, լրջութեան յուռութքներով պսակաւոր փառասիրութիւնները, լայնելու համար անոնց ծիրերը, որպէսզի առնեն իրենցմէ ներս ծանր ալ պատասխանատուութիւններ. գրելը վերածեցէ՛ք կրօնական զգայնութեան, տառապանքի, ապաշխարանքի երեւոյթներուն ու պիտի ունենաք Տիգրան Կամսարականը, Չրաքեանը։ Գրելը վերածեցէ՛ք ուրիշները շլացնելու, տպաւորութիւն գործելու համար՝ ներելի ու աններելի յանդգնութիւնը ցուցադրելու, ինքզինքը գերաճեցնելու քիչիկ մը շիլ արարքներուն, ու պիտի ունենաք Կոստան Զարեանը։ Եւ սակայն մէկ էր բոլորին ալ ճամբա՛ն ինքնատպութեան պողոտան։ Թլկատինցի զերծ եղաւ Կամսարականի տագնապէն, քանի որ մինչեւ իր մահը չվախցաւ իր գործէն, չնմանելով « Վարժապետին աղջիկը »ին շատ խղճաբար, շատ վախկոտ գործաւորին։ Չայցուեցաւ Չրաքեանի նանրամտութենէն, որ անոր « Ներաշխարհ »ը ուռեցուց, ծանծաղցուց ու կերպարանափոխեց, երբ կարելի էր անմահ կոթող մը կազմել գիրքին մէջ իրենց փառքը չեղծող տարրերով։ Զարեանի մեղապարտ ինքնատպութիւնը չեմ վերլուծել, քանի որ Թլկատինցի ատեն չունէր անոր ծանօթանալու։ Այսպէս դրուած, ինքնատպութիւնը կը դառնայ Թլկատինցիի մէջ գրական շնորհներուն ամենէն խորհրդաւորը, ինչպէս յանկուցիչը։ Իր համբաւը ան պարտական էր այս առաքինութեան երբ ողջ էր, իր ստորագրութիւնը գրաւական մըն էր, թէ կտորը առնուազն իր նմանը չունեցող բան մըն էր, հանդէսի մը քիչ մը շատ իրար յիշեցնող յօդուածներուն տեղէն։ Իր համբաւը, իր մահէն ետք, նորէն կիսով մը կը մնայ կապուած այս կարողութեան։

գ. Ըսի, թէ բարիք մըն էր իր գործը։ Կը լրացնեմ մտածումս, ընդլայնելով տարազը, դէպի իր հեռաւոր սահմանները։ Աւելորդ է հոս սահմանել փորձել գրականութեան մը տեղը, նկարագիրները: Բաւ է դիտել տալ միայն, ոը գրելը Թլկատինցիի համար շատ աւելի լուրջ, բարձր պարտք մըն է, որքան չեն կասկածիր ատիկա մարդիկ, Պոլսոյ մէջ, նախքան իրապաշտները։ Այս դպրոցին հանգանակներուն հաւատարիմ, Թլկատինցի օգտապաշտ առաջադրութիւններ հետապնդած է, իր ասպարէզին ամբողջ երկայնքովը։ Անոր համար գրելը՝ թելադրանք մըն է, բողոք մը, առաքելութիւն մը, իր Ժողովուրդին վէրքերը սփոփելու պատեհութիւն մը, երջանկութեան ծարաւ մը. ու երբե՛ք՝ այն շնորհալի, եսակեդրոն, քիչիկ մը ցուցամոլ նարկիսականութիւնը, որ պոլսական բանաստեղծները կը տկարացնէ, վէպը կը փոքր է ու գրական կեցուածքը կը շփոթէ իրեն հակադիր ուրիշներու հետ։ Այս ոգիով է, որ երկնեց իր գործը: Դուք կրնաք մատի փաթթել, յանուն չապացուցուած առածներու (գրական բազմաբղետ հանգանակները), այս արդիւնքին մէջ պատահական, հրապարակագրական, բարոյախօսական տկարացումներ։ Ո՞ր գործը, յիսուն տարի վերջը զինք ստեղծողին մահէն, պիտի չպարզէ սա ճեղքերը, որպէսզի Թլկատինցի ըլլար զերծ անոնցմէ։ Էականը, կէս դարու մահուընէ մը վերջ, գործին մէջ տակաւին չպաղած տարրին մթերքն է։ Ու անմիջապէս հարցուցէք մեզի։ Որքա՞ն է այդ անմահ մասը գործէն, որ երկու սերունդ հիացուց ու խանդավառեց։ Կ՚ակնարկեմ Ալիշանի գրական արդիւնքին։ « Յուշիկ »ները գրասեղաններէն դուրս՝ ծովէն հանուած ձուկերու կը նմանին։ « Նուագ »ները՝ գրեթէ մարած հրաբուխ մը։ Փա՞ստը։ Կու տամ երկրորդ անուն մը։ Մեր գրականութեան մէջ Խրիմեանի գործերը արժանացած են մէկէ աւելի տպագրութիւններու։ Չէք կրնար ուս թօթուելով անցնիլ երեւոյթին առջեւէն։ Ի՞նչ կը մնայ այդ մեծակառոյց, ամենէն փնտռուած, երրորդ եւ չորրորդ անգամ լոյս տեսնելու հրաշքը իրագործած իրողութենէն, որ վանեցի կաթողիկոսին գրական գործունէութիւնը եղաւ։ « Պապիկ եւ թոռնիկ » գրքոյկը, անոր ալ մէկ նիհարագոյն մասը։ Ժամանակը անվերադարձ թաղած է շատ ու շատ բան։ Փորձեցէ՛ք փորձը Թլկատինցիի գործին հետ։ Կու գամ զայն ընելէ։ Արդ, անոր այն մասը, որ գիւղական քրոնիկները կը պարունակէ, տեւական կենդանութեամբ մը օժտուած է [7] ։ Հակառակ հատուածական իր նկարագրին, այս գիւղը բարիք մըն է մեր հաւաքական հարստութեան ընձեռուած։ Ոչ իսկ փշուր մը բան, որ ըլլար հինցած այս ամէնուն մէջ։ Ոգի, տիպար, կեանք, մտայնութիւն, գոյն ու զգայնութիւն կը մնան անթառամ։ Մեր աղէտը, մեր հաւաքական կործանումը, անոր լաւագոյն մասին բնաջնջումը անգամ մըն ալ կարկառի կը հանեն այդ թաղուած բայց անմագ կողմերը մեր գաւառին։ Չեմ գիտեր, հարիւր տարի վերջը ինչպէ՞ս պիտի տպաւորուին մարդիկ անկէ։ Բայց կենալով հանգիտութեանց գետնին վրայ, սխալի մէջ չենք, երբ յիշենք « Վերք Հայաստանի » գիրքին բախտը, ուր գրագէտին շնորհներէն գերիվեր է փրկուածը, շրջանի մը նկարագիրը։ Թլկատինցիի գիւղը մեր ամենէն թանկ հարստութիւնն է այսօր։ Անոր գործին այն մասը, ուր քաղաքը, ասոր մարդերը, մեղքը, հոգեբանութիւնը զսպանակ կու տան, այսինքն անոր վէպը եւ թատրոնը, հակառակ արուեստին դէմ իրենց մեղքերուն ու մասնակի նուազումներուն, դարձեալ կ՚արժանանան մեր յարգանքին, նոյնիսկ համակրանքին, քանի որ հոն ալ գրագէտը բախտին հետն է անայլայլ յատակին վրայ աշխատելու։ Այս յատակը դարձեալ բարքերը կու տան մեր ժողովուրդին։ Գիւղի եւ քաղաքի սա զանազանութիւնը, բարեբախտաբար երանգային, վստահ եմ թէ պիտի տարտամի ժամանակին հետ ու պիտի վերածուի պայծառ, միակտուր պատկերի մը, կեանքը մեր ժողովուրդին։ 60-70 տարի առաջ Րաֆֆիի գործին մէջ գիւղն ու քաղաքը կը պարզէին այս առանձնակի գունաւորումները։ Այսօր վերցուած է այդ երկուութիւնը։ Ու փայաջուկցի վիպասանին վաստակը ազգային յիշատակարան մըն է։ Թըլկատինցին արեւմտահայ գրողներէն այն դէմքն է, որուն համար ամէն իրաւունք ունինք նման ապագայ մը սպասելու։ Անոր գործը բարիք մըն է ։

դ. Ազգային է այդ գործը, առանց թելադրելու այս ածականին ընթացիկ տարողութիւնները։ Մեղադրուած է արեւմտահայ գրականութիւնը իր համաքաղաքացի, ապազգային, եսակեդրոն նկարագիրներուն համար։ Իրաւունքի որոշ բաժին մը չեմ մերժեր մեղադրանքին։ Բայց կը փութամ զգուշաւորութեան հրաւիրել արձակ ընդհանրացման սիրահարները։ Իրենց կը ձգեմ մեր ռոմանթիքներու պատմական ազգայնականութիւնը։ Ազատ են կոտրելու, թափելու հոն կոթողուած բոլոր արժէքները։ Գաճէ արձաններ պիտի կործանէին։ Կու տամ իրենց ազատութիւն չախորժելու մեր ճշմարիտ քերթողներուն մեծազանգուած անձնականութեան զեղումներէն, մեր էսթէթներուն (Եղիա, Չրաքեան, Եղիշէ Դուրեան) նրբութիւններէն, որոնք աւելի բարձր standard–ով ժողովուրդներու վայել զարտուղութիւններ են։ Բայց կ՚արգիլեմ անոնց դպիլ մազին իսկ թելին այն մարդոց, որոնց գործին յատակը կու գայ մեր ժողովուրդէն։ Այսինքն իրապաշտներուն ճիգը, գաւառացի գրողներուն ժառանգութիւնը, յետպատերազմեան մտահոգութեամբ անդունդէն կորզուած արդիւնքները։ Կը հասկցուի, թէ ի՛նչ է ազգային գրականութեան մը կշիռը, վերջալուսային սա օրերուն։ Կը զգամ աղմուկը, քրթմնջիւնը, զոր այս տողերը կը յառաջացնեն Հայաստանյան կամ Փարիզեան էսթեթիքային սպասարկուներուն փաղանգէն ներսը։ Պատճառ մը չեմ տեսներ աւելորդ վրդովման։ Անոնք, որ տրակտորը կամ Ստալինը կ՚երգեն ու անոնք, որ Փարիզի պոռնիկներուն վրայ իրենց փորձառութիւնները իբրեւ գրականութիւն վէպի կը քշեն, կրնան անգիտանալ, թէ Թլկատինցի գիւղացի մըն էր իրենցմէ առաջ ու իր մէջ կ՚ապրէր այս ժողովուրդի ջախջախիչ մեծամասնութեան գերագոյն խտութիւնը, ինչպէս՝ գրագէտ մըն էր, որ մարդկային հոգիին մեծ խռովքները գիտցաւ մտիկ ընել ու մեր մեղքերով երկինքն ու երկիրը լեցուց, առանց դաւելու իր ժողովուրդին։ Ազգային գրագէտը վիճելի տարազ մըն է, զայն գործածեր ենք, առանց անդրադառնալու, մարդոց համար, որոնք անարժան էին այդ պատիւին։ Թլկատինցի ուրիշ ոեւէ մէկէն աւելի արժանիքներ կը պարզէ այս տիտղոսին համար։ Երբ մէկը կը նուաճէ իր շրջանը, անոր ամենէն անոպայ մարզերուն մէջ իր դիտողութեան խոփը մղելով, ու կը խորանայ այդ ակօսով դէպի ընդերքը, որմէ կը բխին մարդերը, կերպերը, ձգտումները, ու կը հանէ լոյսին կողմեր, փշրանքներ, միշտ այդ խորերէն, այդ մէկը ազգային մեծ բարերար մըն է։

Թլկատինցի արժանաւոր զաւակն է հայ ժողովուրդին։

ե. Անիկա գրական կենդանի հարց մըն ալ է, շահեկա՛ն ու ցուցմունքներով հարուստ։ Գրականութեանց պատմութիւնը պիտի ախորժէր այդ ու նման մարդոց վաստակովը, վասնզի, անոնց մէջ, ինքնաբերաբար կը պահուըտին շրջաններու մեծ յոյզերուն տարրերը, կը հասուննան անոնց մեծ ցանկութիւնները։ Հարազատ, ցեղային գրականութիւն, բարքերու հանդէպ մնայուն հետաքրքրութիւն, օգտաշատ հաւատք, ժողովուրդ (այսօրուան populisme-ը), իրականութիւն, տեւական արժէքի հետամտութիւն, յիշելու համար ամենէն հիմնականներէն մէկ քանին, տիրական այդ գործին մէջ։ Քիչ հատոր գրականութեան պատմիչը կը շահագրգռէ սա ուժգնու թեամբ։ Եթէ Արշակ Չօպանեանի՝ կիսադարեան գործունէութիւնը արեւմտահայ գրական ձգտումներուն հետ կը նոյնանայ, ուտեցոյցի մը նման, մեծ հանգրուաններուն համար, այս հանգամանքը չ ՚ ընդգրկեր այդ գրականութեան խորագոյն իրականութիւնը, քանի որ Արշակ Չօպանեան չհասաւ խորքին, այլ մնաց արտաքին տարրերու տիրապետման մէջ։ Թլկատինցիին գործին առջեւ քննադատը կրնայ դիւրաւ մոռնալ հանգանակային, բարոյական (գրական) ի վերջոյ անհետանալիք մանրամասնութիւններ [8], բայց ամրօրէն կը գրաւուի համապատկերէն, ուր ժողովուրդի մը հետ ըլլալու այլապէս ապահովիչ հաճոյքը, նիւթապէս իրաւ ու հոգեպէս հարազատ, քու արինիդ խուլ ձայներուն համար այնքան վայելչապէս յայտարարուած աշխարհի մը մէջ ինքզինք գիտնալու վստահութիւնը ան հաստատած էր այնքան քիչ անգամներ, հազարամերու վրայ երկարաձգուող իր փարթամ կամ չուառ ստեղծագործութեանց մէջ։ Ո՞ւր է կեդրոնական պատկերը հայ հոգիին այն ամէնուն մէջ, որոնք անոր գրականութեան կոթողները կը նկատուին։

* * *

Ու հիմա, հա՛րցը, որով բացուած են այս էջերը։

Շատ են ստորոգելիները, որոնք գրագէտի մը մեծութիւնը կը տարազեն. ոմանց համար այդ մեծութիւնը հոմանիշ է,

ա. Անձնական, առհաւական, միջավայրը եւ ժամանակը տի րապետելու ատակ շքեղ շնորհներու, որոնք կը զարգանան, պաշտպանուած ներսէն ու դուրսէն, գրագէտէն (որ ծնած է երջանիկ աստղին տակը մարդերը ընդքարշողներուն), շրջապատէն (որ բացառապէս դիւրազգած է գրական վայելքներու) ու կ՚ընեն գեղեցիկ համադրում մը, ուր իրարու եղբայրանային նոյն ժողովուրդին բազմապիսի ձգտումները, ուժերը, ախորժակները։ Դասական մեծ գրագէտները տեսէք այս խմբաւորման տակ, ողիմպիական Կէօթէն ու աստուածային Տանթէն կամ Վիրգիլիոսը

 

բ. Զգայնութեան խորութեան, որուն կսկծանքը, ճենճերումները, թեւակոտոր բաբախումը մեզ կը գրաւեն, կը համակեն այնքան եղբայրական թախիծով, արցունքով։ Որ, նման սրբազան իսկութեան մը, կը պտըտի բառերուն մէջէն, զանոնք արիւնելով, արցունքոտելով, կրակելով ու մէկ սլացքով կը հասնի զանգուածներուն ալ սրտին, յուզելով նոյն խռովքին մէջ հայն ու եւրոպացին, քանի որ սիրտը, ցաւը, մահուան տագնապը, սէրը եւ ասոր անհուն կրակները, զրկանքը եւ զայն առնելու բիւրաւոր լարերը մէկ են մարդ կենդանիին մէջ (քնարական ստեղծումին մայր նիւթերը)։ Պ. Դուրեան, Ա. Տը Միւսէ, Նովալիս, Շելլի, Պայրըն ։

գ. Իմացական ընդարձակութեան, թափանցողութեան, որոնցմով գրագէտ մը իր ժողովուրդին խորագոյն իրականութիւնները կը յաջողի իջնել ու նոյն ատեն այդ ալքերէն վեր բերել գոհարներ անտիպ զգացումներու, իսկութիւններ, հոգեկան դրութիւններ կենսաւորող։ Տոսթոեւսկի, Լուկրետիոս, Մոլիէռ, Սերվանդէս քանի մը յատկանշական անուններ են այդ խումբէն։

դ. Հզօր երեւակայութեան, որ միայն մեր պատկերները չի հայթայթեր, այլեւ մեզ ընդունակ կ՚ընէ մեր դիտողութիւնները վարելու ապրումին ու երազին անհուն ջուրերուն ընդմէջէն ու գիտէ գաղտնիքը, վիճակէ մը սպասելի ամբողջ անձկալից շահեկանութիւնը ղեկավարելու, էջերու վրայ դիմացնելով հոգեկան պահերու անհուններ, ու քանի մը վայրկեանի տաշեղ տեւողութեան վրայ մեզի մատչելի կ՚ընէ հազարաւոր ձայներ, լոյսեր, թրթռումներ ու բռնկումներ։ Մեծ վիպողները Ռուս դպրոցէն ։

ե. Յուզելու, խանդավառելու հսկայ տուրքերու, բառի, գոյնի, խաղի համատրոփ հեղեղի մը պէս, երբ ասոնք կ՚իյնան հոգիներու դաշտին վրայ ամբոխներուն։ Բանին աստուածային հուրքը, հմայքը, որով պլլուած կրկէս իջան մեծ գործաւորները մարդկային երջանկութեան, մարգարէներէն մինչեւ կախաղանուած մեր նոր հերոսները, սուրը, վսեմ, անդիմադրելի, երբ խօսեցան մեզի հեռու, մութ, բայց այնքան ալ սրտամօտ, պայծառ բաներէ։ Վարուժան, Հիւկօ, Լամընէ, Լամարթին, Պիչըր ։

զ. Նորաստեղծ գեղեցկութեանց, բաւ է գոյնէ, ձայնէ, պատկերէ, երազէ, որոնք լեզու մը փոխեցին, նոր ակօսներ պեղեցին, նոր լինելութեան մը օրէնսդիրները, կերպադրիչները եղան ու նոր սարսուռներ, զգալու նոր դրութիւններ նետեցին մէջտեղ։ Մեծարենց, ՌԷնպօ, Տանթէ ։

է. Մոգական հրապոյրին, որով կարգ մը առանձնաշնորհեալ մարդեր, իրենց դիւրաբեկ եսերը անմոռանալի պատկերներու շարքի մը վերածեցին, անհաս որքան անիրական, երիտասարդ որքան բազմադարեան ծերութիւն, ապրեցան իրենց երգերը իրենց միսերուն ամէն մէկ նեարդովը, իրենց երազները, իրենց հոգիներուն այրումովը լուսաւորելով զանոնք։ Քիցը, Շելլին, Դուրեանն ու Մեծարենցը, Քուչակն ու Շնորհալին ։

ը. Հաւատաւոր առաքելութեան, որով գրագէտ մը նոր հորիզոններ կը բանայ, աշխարհահայեացք կը պարտադրի, քաղաքակրթութիւններ կ՚ընդհողէ ու կը վերակերտէ նորերը, անձնականէն դէպի հաւաքականը կ՚ընդքարշէ մարդոց համակրանքը ու ժողովուրդներ կ՚ազատագրէ։ Հիւկօ, Րաֆֆի ։

Ապահովաբար Թլկատինցին դուրս է այս թափօրէն։

Ուրիշ խումբի մը համար տարազներուն մեծութիւնը գրագէտին կը կապուի  

ա. Պարզ, բայց բարերար արժէքին ՝ իր ժամանակը կարելի հարազատութեամբ սեւեռած ըլլալու, անշուշտ ոչ անհոգի արձանագրի մը մեքենականութեամբը, այլ այդ ժամանակը գունաւորող, կենսաւորող հարցերուն ալ գոլովը, ջերմութեամբը, այնպէս, որ գոհացնելէ վերջ իր շրջանը, չպաղի յաջորդին։ Տիգրան Կամսարական, Շիրվանզատէ, Արշակ Չօպանեան ։

բ. Ընդարձակութեամբը՝ անոր մարդոցը թիւին, որոնք տիպարները չըլլան հասարակ թերթօններու, այլ ընտրովի նմոյշներ այն հարիւրաւոր տագնապներուն, որոնց միսէ պատկերներն ենք մենք, սա աշխարհին վրայ։

գ.   Ընդհանուր միջինին, որ հոգեբանութիւնն է խաւերու, դասերու։

դ. Պարզ մարդոց, պարզագոյն ապրումները չարհամարհելու պարկեշտութեան:

Ապահովաբար Թլկատինցին պիտի ներկայանայ, այս խումբին մէջ, ձեր մտքին, իր արժանիքներուն ամբողջ կշիռովը եւ պիտի հաւասարակշռէ նժարը։

Եթէ երբեք մեծութիւնը դիմանալ է մահէն վերջ, կարելի եղածին չափ քիչ տուրքով, խաթարումով, Թլկատինցի առաջին ներկայացուցիչն է այս մտապատկերին տակ թելադրուած մեծութեան տեսակին, մեր գրականութեան մէջ։

Ընթերցողը ազատ է այս երեք խմբաւորումներուն դիմաց։

 


 



[1]        Չեմ կարդացած իրմէ քննադատական տարողութեամբ որեւէ յօդուած: Տեսեր եմ իրմէ նամակ մը Արտաշէս Յարութիւնեանին ուղղուած (ոչ անոնցմէ, որոնք հատորին մէջ մուտք ունին եւ գրական էջեր են), ուր ան կարծիքներ կը յայտնէր 1910–ի գրական շարժումին ու ասոր մեծ ղեկավարներուն մասին: Կը յիշեմ, թէ ի՛նչ խոր, անհաշտ զգացումներ կը միջամտէին, իր իմացականութիւնը մթագնող: Այդ նամակին մէջ օձի ձագ կ՚անուանէր Ռ. Զարդարեանը, համապատասխան դատում մըն ալ քշելով անոր գրականութեան արժէքէն: Անիմաստ սա ուրացումը իբրեւ փաստ չեմ շահագործեր անոր իմացական անկատարութեան։ Իրողութիւն է, որ վաղուան գրականութիւն անունին տակ մղուած ընդարձակ գրչապայքարին անիկա խռիւ չբերաւ, գործածելու համար իր պատկերներէն մէկը։ Իր պարտադրեալ համեստութիւնը ահաւոր կերպով մը իր գոհացումը կը գտնէ, երբ « Էնդի–դէմէն »ի մէջ դժոխք կը թխմէ բոլոր իր հակառակորդները։ Չեմ գիտեր, համեստութեա՞ն թէ հասկացողութեան փաստ մըն է լրագրական վէճերէն վեր կենալ կրնալ մը։ Այսօր կը ճշդենք սակայն, ի պատիւ իրեն, որ միւսներուն աղմուկին փոխարէն, ինք գործադրեց անուրանալի տիրականութեամբ մը խմբակին պահանջները: Դժուար է, սա պատիւը, սա լիութեամբ զիջիլ Զարդարեանին, որուն գործը, աւելի երանգուն, աւելի շնորհալի, արեւմտեան թէեւ, նիհար կ՚իյնայ ազգային, հայեցի երակէ։ Արտաշէս Յարութիւնեան չունի տող մը, ուր այս կեանքը ըլլար նուաճուած, աշակերտի միջակ շնորհներով իսկ։

[2]        Թլկատինցիի լեզուն մէկն է կնճռոտ, անհաւասար գործիքներէն, որոնք մեր եւ գրական գործերը տուեր են մեզի: Թերեւս անգէտ չէք ընդհանուր բախտին։ Հայ եւ գրականութիւնը, իր հազար հինգ հարիւր տարիներու ճիգին մէջ, այցուած է ստեղծագործական բարձրորակ յաջողութիւններէ։ Ամէն դարու կայ մարդ մը, որ այս ու ժողովուրդին զգայնութիւնն ու մտայնութիւնը կը դնէ յատկանշական գործի մը մէջ, բայց որուն միջոցը միշտ չի հասնիր միջակ իսկ կատարելութեան։ Ի՜նչ շահեկան է Քռթենաւոր մը . դար), որ այժմու Զարեանական յանդգնութիւնները (քանի մը պատկեր միակ բառով մը համադրելով) ներած է իր անձին, բայց աղքատիկ խորքի մը վրայ։ Ու ինչ իմաստ կը թելադրէ գործը Գրիգոր Մագիստրոսի, որ իր ժամանակին ամբողջ մտահոգութիւնները կ՚ապրէր ամէն ճակատէ ու կը է գրէր ահաւոր լեզուով մը։ Արեւմտահայ աշխարհաբարին ամենէն մաքուր աւանդութիւններուն մէջ կազմուած սա լեզուն, ի՛նչ սեւ բախտով մը, Թլկատինցիի մէջ, կը քաշքշուի, կը թուլնայ, կը գռեհկանայ, տիպարային հարազատութեան մը կասկածելի փառքին զոհելով իր պայծառութիւնը, կանոնաւոր համաձայնութիւնը, սեղմութիւնը, կորովը, որոնք իրապաշտներուն անժխտելի առաքինութիւնները եղան։ Գոցե՛նք։ Դժուար է էջ մը կարդալ իրմէ, առանց տառապելու խրթնութենէն, խորթութենէն, ճապաղումէն, բառակուտումէն, եւ որոնք փոխնիփոխ կը բուսնին, վտանգելու աստիճան եւ կեանքին, բարոյական տագնապին, զգացումին հզօր գեղեցկութիւնը, որ միշտ կը պաշտպանէ սակայն բառերու սա դատարկապորտ որսորդը:

[3]        Դէպի բարբառային հարազատութեան սա դարձը մի՛ շփոթէք 1880–ի, եթէ կ՚ուզէք քիչ մը աւելի կանուխի նորոյթին հետ, որ ոստանիկ բարբառին մէջ երեւցաւ, բոլորովին տարբեր նպատակներու իբր արդիւնք։ Այդ թուականներուն են գրուած, գաւառաբարբառով, մէկէ աւելի կատակերգութիւններ, որոնք պոլսեցիները խնդացնելու աժան ու տափակ փառասիրութեան ծնունդ են: Գրական հասկացողութեան ու պահանջներու կը հպատակի սակայն այն միւս զիջումը, զոր գրագէտները երբեմն կ՚ընեն, իրենց փողփողինէջ յօրինումներուն մէջ, յեղակարծօրէն տեղ տալով բարբառային տողերու, Վանէն, Մուշէն, Ակնէն, որոնք հաճելի հակապատկեր մը կը յօրինեն պոլսական ոսկեդրուագ բառակոյտին դէմ (կարդալ Մինաս Չերազի « Արգոսի խոհերը »)։ 1875–ին, այսինքն՝ երբ Թլկատինցիին մէջ կը կազմուի գրական զգայարանքը, մեր լեզուն պոլսական ռոմանթիզմին ու մեծ քրոնիկագիրներուն (Պէրպէրեան, Մամուրեան) խնամարկութեան տակ, եղած է գրքունակ բան մը, ամրօրէն կապանքուած գրաբարին cheville–ներովը ու գրողներուն անկանգնելի կեղծիքովը: Ո՞ր ժողովուրդին կը պատկանի այդ գործիքը, որով գրուած են Չերազի, Եղիայի, Պէրպէրեանի, Սէթեանի, Թերզեանի, Մամուրեանի քերթուածներն ու քրոնիկները: Ճաշակի պարզ խաթարում մը անբաւական է բացատրելու Նար-Պէյի քերթողութեան ահաւոր լեզուն կամ Եղիշէ վարդապետ Դուրեանի ոտանաւորը (իբր բառական յօրինում)։ Անշուշտ տասը տարի ետքը « Մասիս »ի մէջ (Արփիարեան, 1885), «Արեւելք»ի մէջ իրապաշտները լեզուապայքարը պիտի ազատագրեն քերականներու, գրաբարի մանդարիններ ու քմայքներէն ու եւ զայն հասկնալու, վարելու արարքը պիտի վերածեն գրական կեցուածքի մը։ Թլկատինցի առաջիններէն է, որ գնահատած ըլլայ տարողութիւնը սա եղելութեան։ Պոլսական ադամանդակուռ, բայց սնամէջ լեզուն մա՛նաւանդ քնարական զեղումներու ատեն, անդիմադրելի տափակութեան պատկեր մըն է, լրագրական ամէն յօդուած մինչեւ « Արեւելք »ի հիմնարկութիւնը՝ ցուցադրո՛ւմ քերականական գիտութեան եւ հռետորական սեթեւեթի։ Գաւառի մեծ դէմքերը, Պոլիս գործող (Խրիմեան, Սրուանձտեանց), անհանդուրժելի ըսուելու չափ ընդհանուր լեզու մը կը կիրարկեն, որուն միակ համը սակայն բարբառային մասնայատկութիւն մըն է արդէն, լեզուին շեշտը, որ խօսուածին մէջ ալ կը յամառէր: Աննկարագիր, աննպատակ սա փորձերուն մէջ (Արփիարեանի « Մասիս »ը ազգագրական նպատակներու կը հպատակի, երբ իր էջերը կը տրամադրէ գաւառական կեանքի պատկերման) Թլկատինցի իրական բացառութիւն մըն է։ Առաջին իսկ յօդուածներուն մէջ ան լքած է շատ բան պոլսական սեթեւեթէն։ Անոր նախադասութիւնը չունեցաւ, սկիզբէն իսկ, շլացիկ բայց պարապ բառեր։ Տեղական գոյնի հարց մը, անոր մօտ գրական կեցուածք մը ըլլալէ աւելի հարազատութեան, իրաւութեան պահանջի մը ձեւը կը ստանայ։ Տարիքին հետ, Թլկատինցի պիտի կատարելագործէ ինքզինքը: Ո՛չ միայն բառերուն պիտի բանայ իր տողերը, այլ կամաց–կամաց համաձայնութեան դարձուածքներու, որոնք անոր լեզուն պիտի անձնացնեն, զայն վտանգելու աստիճան, երբեմն։

[4]        Մեր մայրերը մեզ կ՚անիծէին, խնդալով, բարկանալով։ Կը յիշեմ, անէծք մը «Մէկ տախտակի վրայ լոգցնել» քանի մը գզուըտող եղբայրներու հասցէին։ Մայրը կը հանդարտեցնէր ծեծ ուտող պզտիկը, զայն ծեծող երկու մեծ եղբայրներն ալ ձգելով անէծքին: Հիմա գիտեմ, թէ, տախտակը ամէն տունի մէջ չարագուշակ առարկայ մըն էր, մեռելը լուալու սահմանուած: Մայրը, իր տղաները, քանի մը հատը միասին, երբ կը փափաքէր լոգցնել նոյն տախտակին վրայ, հաւանաբար՝ մոռցած էր պատկերին եղերականութիւնը, քանի որ իմ օրերուն ա՛լ չկար տախտակը: Բայց պատկերը կը դիմանար։ Հարիւրներով են այսպէս բարքերու յայտարար ֆոլքլորային ասութիւնները։

[5]        Ըսի, թէ Թլկատինցիի գիւղը ինչով էր պակասաւոր։ Բայց այս հաստատումը չի կրնար արգիլել, որպէսզի անոր գործը չըլլայ մեր մէջ դեռ մինչեւ այս չգերազանցուած, կարելի համապատկերը մեր գեղջուկ դասակարգին։ 5–600 էջերու շղթայ մը քիչ բացատներով, կը դառնայ այս կեանքին շուրջը: Ու երբ գաւառացի մեր միւս գրողներուն արդիւնքը մէկ ձեռքերնիս մօտենանք Թլկատինցիի ձգածին, պիտի ստիպուինք դարձեալ որակ ու քանակ ընդունիլ Թլկատինի գրողին մօտ առաւելակշիռ աստիճանի մը վրայ։ Դժուար չէ փորձը։ Ռ. Զարդարեան այս կեանքին համար քանի մը վիպակ միայն ունի տրամադրած։ Խրիմեանը՝ գրքոյկ մը: Հրանդ՝ շարք մը քերթուածներու, ուր լրագրողին բաժինը մօտ է առիւծի բաժինին։ Թլկատինցիի գործէն, երբ նետէք լրագրականը, դեռ կ՚ունենաք լիքը հատոր մը։ Իր գործին 3 / 4 ամուր նախանիւթ մըն է։ Ահա, թե ինչու մեր մեծագոյն գրագէտը կը կոչում զինքը։

[6]        Ֆրանսացի քննադատ մը, Ռեմի տը Կուրմոն, փոխաբերութեանց ծագման,, զարգացման եւ մահուան նուիրուած ուսումնասիրութեան մը մէջ կը հաւաստէ, թէ Փարիզի Հոլին մէջ ժողովուրդը քսանչորս ժամուան մէջ կը կերտէ այնքան պատկեր, փոխաբերութիւն, որքան պիտի չկրնային ստեղծել ֆրանսիացի գրագէտներու ամբողջ շարքերը մէկ տարուան ընթացքին: Վարկածը շահեկան է, որքան մoտ ճշմարտութեան։ Փոխաբերութիւնը բառերու կեանքին մէջ յորդութեան փաստ մըն է։ Այդ յորդութիւնը այդ բառերը անշուշտ կը ստանան, ամենօրեայ գործածութեան մէջ չմաշելու համար, իրենց ներքին ճիգերուն գինովը։ Բացէ՛ք բառարանները: Բոլոր ասութիւնները, արտայայտութեան պատկերաւոր ձեւերը, պիտի գտնէք ամենէն ընթացիկ, առօրեայ գործածութեան մէջ ամենէն շատ կրկնուող բառերու խումբէն։ Ու այս շնորհը անոնք պարտական են զանգուածներէն իրենց ընդունած ներքին ծորումներուն։ Հարկ կա՞յ աւելցնելու դերն ու արԺէքը փոխաբերութեան, որ լեզուին մաշած տարրերը նորազարդելու, նորակերտելու թանկագին միջոց մըն է, ըլլալուն չափ փաստ մը՝ ստեղծագործ երեւակայութեան:

[7]        Այս կերպ դատում մը թերեւս իմ մէջ ենթակայ է անգիտակից ըսուելու չափ հեռաւոր զգայնութիւններու (զուր տեղը մէկը գիւղը չի ծնիր ու քաղաք չի փոխադրուիր)։ Կ՚անցնիմ։ Ու կու տամ աւելի նուազ ենթակայական մոթիֆներ։ Այսօր, Սփիւռքի հայ միտքը բացառապէս քաղքենի (չհասկնալ դասակարգային իմաստով մը) զգայնութիւններու արտօնուած ընդունարան մըն է, ու մարդ իր չունեցածը պիտի փնտռէր ։ Ասկէ անկախաբար, ամէնքս ալ մռայլ նախազգացման մը մէջ, գէթ լռելեայն համամիտ ենք իրարու (թէեւ արտաքնապէս ասոր հակառակը ջանանք պաշտպանել), թէ ինչ որ կը փրկենք մեր ժողովուրդին անցեալէն, ատիկա աւելի քան բարձր արժէք մըն է, ատիկա այս ժողովուրդին գերագոյն սրբութիւնն է: Ու սա կորստական հոգեբանութիւնը չէ՞ր, որ միջակ գրագէտ մը (կ՚ակնարկեմ գրելու արուեստին մէջ քիչ օժտուած Համաստեղին) արժանացուց յորդ, մեծադղորդ փառքի մը: Երեւոյթը, որքան ալ գրականապէս դժուար հանդուրժելի, աւելի քան արդար է։ Համաստեղ մեր ժողովուրդին մէկ մասը փրկեց։ Ու ատիկա հարիւր անգամ աւելի կ՚արժէ, քան լաւ «դարձուած» համբաւ մը, Չրաքեանէ մը, Զօհրապէ մը։

[8]        Ո՞վ պիտի մտքէն անցընէր կարդալ, գէթ իբր ծանօթութիւն, մեծահամբաւ պայքարը գրաբարին եւ աշխարհաբարին, որ շրջանի մը (1875-1885) ամենէն զօրաւոր միտքերը իրեն կապեց ու թափել տուաւ « մելանի առուներ »։ Մի՛ արհամարհէք սա մուկերու եւ գորտերու պայքարը ։ Մարդիկ լուրջ էին, երբ « գիտենք »ի տեղ « գիտեմք »ը կը պաշտպանէին։ Նմանապէս ո՞վ պիտի հետաքրքրուէր Ռուսինեանի ուղղախօսական, Չերազի ընտրողական լեզուապայքարին թերեւս աւելի իմաստուն, բայց ամուլ պատկերացումով։ Ու վաղուան գրականութեան աղմկայոյզ հանգանակները չեմ կարծել, որ մանրամասնութեանց սիրահար քանի մը հետաքրքիրներէ դուրս մարդեր շահագրգռեն։ Բոլոր այս շարժումները մեծադղորդ պատերազմներու նման կ՚աղմկէին հրապարակը։ Անոնցմէ մէկուն դէմ Ազգային Պատրիարքարանը ստիպուած կը զգայ ինքզինք պաշտօնապէս միջամտելու, ու հրապարակէն կը հաւաքէ ուղղախօսoրէն գրուած տարեգիրքը։ Դա՛սը՝ ա՛յն, թէ քննադատական ճամարտակութիւնները, փառքերը, յաղթանակները հետախաղաղ կը կորսուին, բայց ստեղծագործ երկունքը կը դիմանայ: Դա՛սը՝ ա՛յն, թէ գրագէտը իր մեղքերուն մէջ իսկ ուշագրաւ, միշտ հարիւր անգամ աւելի արդար է, քան ամենէն տաղանդաւոր դատողը։