6.
ԳԵՂԱՄ
ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
(1883-1915)
Անիրական
տղան։
Այսպէս
կ՚անուանէինք
զինքը,
Պոլիս,
երեսին
ինչպէս
ետեւէն,
հակառակ
իր
այնքան
իրաւ
աշխատանքին,
որ
օրաթերթի
մը
չորս
էջերէն
երեքին
լեցուիլն
էր
Աստուծոյ
օրը։
Ո՞ւր
կ՚ապրէր,
ո՞վ
ունէր
սա
աշխարհին
վրայ,
բացի
շատ
ծանօթ
իր
անձէն,
զոր
ըրած
էր
տրտում
ու
խորունկ,
լռասոյզ։
Խմբագրատան
մէջ
իր
խցիկը
մեր
ժամանակներու
անապատականներուն,
հսկողներուն
մերկութիւնն
ու
տարօրինակութիւնը
կը
միացնէր
գրողի
չարքաշ
ալ
հպարտութեան։
Տախտակամածին
վրայ
թերթերու
ֆորմաներով
կազմուած
անկողին
մը
ունէր
ան,
ուր
կը
տեղաւորէր
իր
յոգնած
մարմինը
կէս
գիշերէն
ետք։
Իբրեւ
վերմակ՝
վերարկու։
Ո՛չ
աթոռ,
ո՛չ
բարձ։
Լաթեղէնին
դէմ
իր
զզուանքը
կու
գար
միքրոպէն,
որուն
յաճախանքին
մէջը
պահեր
էր
իր
տարօրինակ
տղու
համբաւը։
Հիւանդութեան
մը
չափ
սուր
սա
վախը
անտեսանելի,
անիրական
է,
բայց
այնքան
իրաւ
այդ
էակներէն՝
Գեղամ
Բարսեղեանը
կը
պաշտպանէր
շատ
մը
բաներու
դէմ
սակայն.
ամենէն
առա՛ջ,
այն
անիմաստ
վաճառումէն,
զոր
կ՚ընենք
մեր
ժամերէն,
թափառումէ
թափառում
անցնելով
ու
մեզ
զրկելով
մեր
աշխատանքի
սեղանէն,
ուրիշներու
հաճոյքին
համար,
ուրիշներուն
հետ։
Թուխ
երիտասարդ
մըն
էր։
Խորտուբորտ
գիծերով
իր
դէմքէն
անմոռանալի
գրաւչութիւն
էին
իր
աչուըները,
մանր
ու
տարօրէն
սեւ,
որոնց
հայեցի
քաղցրութիւնը
Գեղամ
ը
կ՚ընէր
մշտապէս
մանուկ,
մանաւանդ
երբ
շատ
հազուադէպ
ժպիտի
մը
ոստայնը
թեթեւակի
յարդարէր,
դիմագիծերուն
վերերը։
Անիրակա՛ն,
այսչափ
կ՚ըլար։
Կը
հարցնէի
իրեն,
թէ
ի՛նչպէս
կը
կրէր,
մանուկի
այդ
գլխուն
վրայ
առատ,
ողորկ
խուրձը
իր
մազերուն,
որոնք
բաշերու
տեղ
կրնային
գործածուիլ
ու
կը
սահէին
վար
քունքերէն,
կանացի
փափկութեան
մը
զգայութիւնը
ամրացնելով
հեռուէն
դիտողին։
Ու
փողկապը,
կէս
մեթր
իր
դրօշակովը։
Ու
ոսկի
ակնոցը,
որ
անշուշտ
ոսկի
հրաշքով
մը
միջոցը
գտեր
էր
չքշուելու
մազերուն
ալիքէն։
Չէի
հարցներ,
թէ
ո՞ւր
կ՚ապրէր։
Պոլսոյ
մէջ
գրողները
կերպով
մը
գոյնը
կ՚առնէին
իրենց
գիւղերուն։
Գատըգիւղը
կու
տար
կոճկուած,
ամուր,
տափակ
տիպարը
գրողին։
Իւսկիւտարը
բանաստեղծութիւն
կը
հոտեր։
Բերան՝
խմբագիրներուն
տնկարանը։
Գում–գափու,
Սամաթիա
լուրջ
ու
խոհեմ
գրողներուն
նախընտրեալ
բնակավայրերն
էին։
Չրաքեան
ու
Սիամանթօ
չէին
կրնար
oրթագիւղցի
ըլալ,
հակառակ
անոր,
որ
այս
գիւղը
տուած
էր
Մ.
Պէշիկթաշլեանը։
Խաս-գիւղը,
այս
դարուն
սկիզբը,
նշանաւոր
էր
իր
Դաւիթ
Խաչկոնցովը…։
Իրողութիւն
էր,
որ
կը
վախնայի
վիրաւորել
իր
անիրականութեան
համբաւը,
ստիպելով
զինք
խօսիլ
իր
տունէն,
որ
կար
ու
չկար,
հօրմէն,
զոր
կը
սիրէր,
մօրմէն,
որուն
գովեստը
լսած
էի,
եղրօրմէն,
որ
կը
թափառէր
խմբագրատան
ճամբաներուն,
աչքով
հետեւելու
իր
եղբօրը
փառքին։
«
Ազատամարտ
»
օրաթերթին
գրաստն
էր
ան։
Համբերատար
ու
անհուն
բանուոր,
որ
միս–մինակը
կը
կատարէր
թերթին
սեւ
աշխատանքը,
կազմելով
անոր
ամբողջ
«
խոհանոցը
»,
ինչպէս
կ՚ըսեն,
հսկելով
ամէն
բանի,
որ
նիւթական
կողմն
էր
օրաթերթին։
Ինքն
էլ
փորձերու
խմբագրութեան
կամաւոր
թիապարտը։
Դաշնակցութեան
այդ
միջաքաղաքին
մէջ
--
խմբագրատունը
ամէն
ժամ
մարդեր
կը
մտնէին
ու
կ՚ելլէին,
տաճիկներուն
«
Բարձրագոյն
Դուռը
»
յիշեցնող
պէսպիսութեամբ
մը
դէմքերու:
Կը
գտնէի
զինքը,
գիշերուան
ուշ
ժամերը
մինչեւ,
իր
սեղանին
ծռած,
խոշոր,
բարի,
տարօրէն
տենդոտ
ու
արագ,
իրմէն
ու
գրաշարէն
միայն
ընթեռնելի
իր
գիրերով,
երբ
կը
լեցնէր
երկար
շերտերը
թուղթին
կամ
կատարէր
սրբագրումը
փորձին։
Դուրսէն
Բերան,
իր
մեծ
քաղաքի
խուլ
ու
հեշտ
հծծիւններով,
որ
կը
բռնանար,
փակ
պատուհանները
կրծելով,
երգի,
հայհուչի,
լացի
կամ
հրաւէրի
Բաբելոնեան
բարբառով։
Երբ
կը
գրեմ
այս
տողերը,
աչքիս
առջեւ
ունիմ
պատուական
մանուկը,
ելեկտրական
լոյսէն
ողողուած
բարութեամբ
մը
դէմքի։
Կը
խղճահարէի
ընդմիջել։
Թերթը
իր
սրբութիւնն
էր,
իր
պատիւը։
Նայուածքս
կը
պտտէր
պատերէն
կախ
դէմքերուն
լուրջ
տրտմութեան։
Բոլորն
ալ
մեր
ազատագրութեան
սրտառուչ
հերոսներէն,
իրենց
շրջանակներուն
մէջէն
ինծի
բանալով
աշխարհը
իրենց
տառապանքին,
ոդորումներուն,
մեր
հայրենիքին
անպարագիծ
պատմութիւնը,
իրենց
մահերուն
անըմբռնելի,
ահաւոր
գեղեցկութիւնը…։
Ու
կը
գրէր
Գեղամը,
անսկիզբն
ու
անվերջ,
նման
գրաստին,
որուն
հետ
բաղդատուելէն
չէր
վիրաւորուեր,
երբ
արուարձաններուն
պարտէզներուն
մէջ
հանդիպումը
կ՚ընէինք
հորէն
ջուր
քաշող
անիւին
լծուած
խոնարհ
կենդանիներուն,
աչքերնին
կաս
ու
դառնալով,
դառնալով,
«անսկիզբն
ու
անվախճան»։
Օրաթերթին
անիւն
ալ
Գեղամին
լուծն
էր։
Որքան
կը
տեւէր
այդ
գիշերազբաղ
հեւքոտ
վազքը
գրիչին,
փորձին
մէջ
«սխալը
ձերբակալելու».
ես
կը
պտըտցնէի
աչքերս,
պատերէն
վերջ,
պարապ
աթոռներուն
–
խմբագիրներուն
պահերը,
որոնք
օրուան
մէջ
պատուակալ
կերպով
մը
փառաւորուած՝
իրենց
գահակալներէն։
Սա
գահն
էր
մանրուք
տղու
մը,
միշտ
ոսկի
ակնոցով
–
որուն
ո՛չ
մէկը
պէտք
ունէր
սակայն
ու
անթերի
քոսթիւմով,
իր
ընդհանրացուցած
բառերովը՝
ռիփորթըր
ներքին
լուրելու,
խօսելու
տեղ
կակազող,
բայց
որ
թերթին
կողմէ
մուտք
ունէր
Խորհրդարան,
Պապը-Ալի,
դեսպանատանց
անթիշամպրերը,
կրկնագլուխ
(մէկը՝
փէսով,
միւսը՝
սիլինտրով
)
ու
յաղթական
կը
բերէր
երկու
նիհար
սիւնակ
լուր,
մեծ
մասը
արդէն
ծանօթ
թուրք
եւ
օտար
թերթերէն,
ու
կը
շփէր
ակնոցին
ոսկին,
յաղթանակ
մը
շահողի
յորդ
հպարտութեամբ
մը
ու
կ՚արժեւորէր
իր
վարկը,
հագուածքին
պերճանքը
ու
թերթին
փրէսթիժը,
թերթը
կենդանի,
արդիական
ընծայելու
աշխատանքին
մէջ
այդ
քան
յիմար
իր
բաժինովը։
Գեղամ
անոր
անունը
դրած
էր
«
մեծապատիւ
սլքտացողը
»,
«
լուրին
մուրացկանը
»։
Այն
միւսը
գահն
էր
ազգային
լուրերու
տեղեկաբերին,
սքեմալոյս
արմաշական
մը,
մազմազ
դէմքով
ու
արտակարգ
թանձրութեամբ
գիծերու,
մանաւանդ
ձայնի,
որ
Պատրիարքարանի,
Ղալաթիոյ
ազգային
խորհրդարանին
մանրուք,
«աւելցուք»
լուրերն
ու
վէճերը
մատիտով
խազխզուած
տողերու
վրայ
կը
բերէր
իր
սեղանին,
հեւասպառ
ու
«քրտնողող»,
յանուն
առողջապահական
նոր
կարգախօսներու
վազող
մը
ըլլալուն,
իր
բերածին
ծանրութեան
տակ
կորաքամակ։
Ազգային
լուրերուն
«
բեռնակիրն
»
էր
ան,
որ
հեշտագին
թափանցումներ
ունէր,
իբր
հին
վարդապետ
մը,
տէրտէրներու,
եպիսկոպոսներու,
թաղականներու
դիւաններէն
ու
ժողովականները
գիտէր
«
կակուղցնել
»,
անոնցմէ
կորզելու
համար
մեծատարած
գաղտնիքներ,
երէցկինին
մահուան,
եպիսկոպոսին
երթալիք
ջերմուկին
անունին,
թաղականին
ճամբորդութեան
ծրագիրներուն
բոլորն
ալ
անխնայ
կերպով
զամբիւղ
նետուող…։
Առանձին
շքեղութիւն
էր
գահոյքը
արտաքին
լուրերու
քոնթրաքթէօրին,
որ
նախկին
ու
անաւարտ
ուսանող՝
Լոզան
թէ
Ժընեւ,
լաւ
չեմ
յիշեր,
ընկերային
գիտութիւններու,
ճառախօս
ու
փրոփականտիսթ,
փորձ
ու
անվրէպ
դիւանագէտ,
կէսօրէն
չորս
ժամ
վերջը
(ամառ
թե
ձմեռ
ան
կը
պահէր
իր
ժամադրումի
րոպէն
դիւանագիտական
բծախնդիր
ճշդութեամբ
կը
մտնէր
իր
պաշտօնին,
նոր
հասած
«թղթաբերէն»
թերթերը
անութին,
մեծակնճիռ
ու
լուրջ,
միշտ
ոսկի
ակնոցով,
կը
կարդար
«թռելով»,
մեծ
օրաթերթերուն
ընդարձակ
դաշտերէն,
վարժ՝
իր
փնտռածը
գտնելու,
զայն
կարմիր
կամ
կապոյտ
մատիտներու
գիծով
բանտարկելու,
որս
բռնողի
մեծ
ու
հանդիսաւոր
ծանրութեամբ։
Կէս
ժամը
բաւ
էր
այդ
մեծատաղանդ
դիւանագէտին,
որպէսզի
բանտարկուած
այդ
պատառեկները
մկրատուէին,
հանուէին
ու
շատ
գէշ
հայերէնով
մը
(«
գարշ
խմոր
»
կ՚որակէր
զայն
Գեղամ
Բարսեղեան)
մատուցուէին
«
ի
յարդարումն
եւ
ի
հայացումն
»
Գեղամի
սեղանին,
որ
Պրոպատիկէի
աւազանն
էր,
բոլոր
այդ
յիմարներուն
անսահման
անգիտութիւնը,
իրենց
լեզուն
իսկ
գրել
չսորվող,
նման
փուճ
բանի
մը
գրաստը,
Գեղամը։
Կար
սակայն
մեծկակ
սեղանը
թղթակցութեանց
«
պիւրոյին
»,
որ
իր
սենակէն
շնորհազուրկ,
քշուեր
էր
խմբագիրներու
սրահը,
անշուշտ
իր
պատիժը
կրելու,
քանի
որ
յանդգներ
էր
կանոնաւոր
հայերէն
մը
պահանջել
ճառախօսներէն,
փրոփականտիսթներէն,
տեղեկաբերներէն,
դիւանագէտներէն,
նոյնիսկ
խմբագրապետներէն,
կոմիտէներու
քարտուղարներէն։
Իրաւ
ու
լուրջ
այդ
մարդը,
այդքան
խենթերու
մէջ,
վարակուած
էր
փաստի
հիւանդութենէն,
միշտ
փնտռելով
ու
գտնել
հաւատալով
ամենէն
ամուրները,
ջախջախիչները
գաւառական
թղթակիցներու
հաղորդագրութիւններէն
ու
կը
կազմէր
օրուան
կեանք
երուն
պատկերը...
։
Ու
կը
յիշեմ,
առանց
հեգնութեան,
սպայակոյտը
թերթին
վարչութեան,
երեսուն
տարի
առաջ
ամէնուն
բերնին
վրայ
կենդանի
անուններ
բոլորն
ալ,
որոնք
հերթով,
իրենց
ուսերուն
էին
առած
խմբագրական
խօսքը
(«ՄԵՐ
ԽՕՍՔԸ»)
լսելու
քահանայապետական
պաշտօնը։
Ու
տակաւին,
աշխարհի
չորս
ծագերէն
փրթած,
ծանօթ
ու
անծանօթ
ականավոր
գործիչներու
ամենժամեայ
խուժումը,
հանդարտիկ
այդ
սրահէն
ներս,
ամէն
մէկը
իր
անփոխարինելի
անձին
ներկայացումը
այդ
սրբավայրին
մէջ
հանդիսաւորել
ջանացող
ու
խանգարող,
նոյն
ատեն,
անշուշտ
առանց
գիտնալու
եւ
ուղելու,
խեղճ
Գեղամին
աշխատանքը,
որ
թերթին
էջերուն
նիւթ,
ճարակ
ճարելը
եղաւ։
Ո՛ր
մէկը
թուեմ
սակայն։
Կէս
գիշերը
կը
մօտենար։
Աթոռները
կը
քնանային
իրենց
լռութեան
մէջ։
Այցելուները
կը
ցանցառէին։
Բայց
Գեղամ
Բարսեղեան
պարտքին
տակն
էր
այդ
աթոռներու
տէրերուն
խազխզած
անհուն
զրաբանութիւնները,
տափակութիւնները,
յաճախ
տառասխալները
«
մարդ
ընել
»,
այնինչ
խմբագրականը
(որուն
հեղինակը
քմահաճոյքն
էր
ունեցած
արեւելահայ
լեզուով
շարադրել
իր
օրուան
խօսքը)
«
յեղուլ
»
արեւմտահայ
բարբառին,
նշանաւոր
այցելուի
մը
չորս
սիւնակ
ձեռագիր
կենսագրականը
սոթտել,
վերածելու
համար
սանկ
քսան
մը
տողի…։
Թերթին
խոհանո՛ցը։
Կ՚ըսեն,
բայց
չեն
գիտեր,
թէ
ի՛նչ
չարքաշութիւն
է
խոհարարութիւնը։
Յաճախ,
սպառած
իմ
համբերութիւնս,
կը
զայրանար
այնքան
յիմար
բռնապաստակին
վրայ։
Կելլէ
ի
ոտքի,
կը
նետէ
ի
ձեռքէն
գրիչը
մէկդի
ու
բռնի
կը
բաժնէի
զինքը
սեղանէն,
վար,
քիչ
մը
օդ
տալու
մեր
սմքած
թոքերուն,
զով
օդին
մէջ
գիշերուան
մութին,
ու
տրտմահամբաւ
փողոցներէն
կ՚անցնէինք
արագ,
ապաստանելու
համար
գարեջուրի
կապելայ։
Հոն,
միքրոպներուն
դէմ
կարելի
պաշտպանողական
ձեռնարկներէ
վերջը,
կը
նստէր
զուարթ.
կարծես
եկած
չըլլար
ժամը
երկուքէն
սկսեալ
մինչեւ
տասնմէկերը
երկարաձգուող
թիապարտի
աշխատանքէ
մը,
միամիտ
ու
բարի,
միշտ
քիչ
խօսքերով,
ան
կը
պատմէր
իր
հաւատքը
իր
ժողովուրդին
վրայ
եւ
անսասան
վստահութիւնը։
Կը
զգուշանար
սակայն
մասնաւորելէ,
որ
իր
լեզուովը
կը
նշանակէր
կուսակցական
վիճաբանութիւնը։
Մտքէն
չանցուց
զիս
համոզել
–
շատ
ամուր՝
գիւղացի
մըն
էի
ու
արմատական
տպաւորութիւններու
մարդը։
Գիտէր,
որ
դժուար
էր
զիս
հաշտեցնելը
այդ
թերի
գործիչներուն
ու
կէս
գրողներուն
աշխատանքի
ոգիին։
Կը
յարգէր
իմ
յարգանքը,
զոր
ունէի
իրաւ
ու
ամբողջ
իր
մէկ
քանի
ընկերներուն
մասին։
Մնացեալը
զիս
չէր
շահագրգռեր։
Բայց
իրմէն
աւելի
գիտէի,
որ
աշխարհին
բաները
այդ
մնացեալով
կը
քալեն։
Այս
փոխադարձ
լռութիւնը
մեր
յարաբերութեանց
ամենէն
փափուկ
սահմաններուն
վրայ
բարիք
մըն
էր
ինքնին։
Այս
է
պատճառը,
որ
մեր
բարեկամութիւնը
օր
մը
չանցաւ
ստուերէ։
Նոյնիսկ
աւելի
վերջը,
1914–ին,
երբ
«
Մեհեան
»ի
հրատարակութեան
ատեն
Կ.
Զարեանի
տարօրինակ
քմայքներուն
դէմ
ստիպուած
եղաւ
ցաւագին
որոշումներ
առնելու։
Կրցաւ
բաժնուիլ
Վարուժանէն,
որ
կը
ձգէր
«
Մեհեան
»ը,
բայց
պահեց
զիս։
Ըսի,
թէ
կը
հաւատար
իր
ժողովուրդին։
Իրեն
համար
կուսակցական
կեանքը
ուրիշ
բան
չէր,
եթէ
ոչ
կազմակերպումը
այս
ժողովուրդին
խուլ,
տարտղուած
ուերուն։
Կը
տարբերէ՞ր
մոլեռանդներէն,
կէս
խենթերէն,
հերոսներէն,
մահուան
ասպետներէն,
որոնք
իր
ամենօրեայ
շրջապատը
կը
կազմէին:
Դժուար
է
պատասխանել։
Գիտեմ,
որ
1915–ի
առաջին
ամիսներուն
ինծի
տուաւ
կտոր
մը
sublimé,
կղմինտրի
փոշիի
գոյնով.
այդ
գունճը
կրնար
պէտքի
գալ։
Պահեցի
այդ
նշխարը
մինչեւ
1918–ի
Մարտը,
երբ
հազար
ու
մէկ
տագնապներէ
ետք,
գերման
սպայի
տարազով
կտրելով
Թալաթի
ոստիկանութեան
ահաւոր
ցանցը,
Սիրքէճիէն
թրքն
նստայ
ու…
իջայ
Պուլկարիա։
Աչքիս
առջեւն
է
Մարտի
առտուն,
գետակի
մը
կամուրջին
վրայ,
երբ
բացի
լաթէ
ծրարիկը։
Հոն
էր
Գեղամին
նուէրը։
Ի՞նքը։
Ունեցե՞ր
էր
ատեն...
գործածելու
այդ
դժնդակ
փոշին։
Ջուրը
տարաւ
կղմինտրի
գոյնով
այդ
կտորը։
Գեղամը
ելաւ
ջուրին
վերեւ,
քչիկ–քիկ,
թուրքին
դանակովը։
Ինչպէ՜ս
կրնային
մեռցուցած
ըլլալ
այդքան
մաքրութիւն,
բարութիւն,
հոգեկան
գեղեցկութիւն...
։
Պատմեցի
այս
քիչ
մը
անձնական
պարագաները։
Նահատակ
մեր
գրողները,
իյնալէ
առաջ
մեր
նորերուն
արհամարհանքին,
մարդեր
էին,
հարիւր
անգամ
աւելի
արժող։
Պատմեցի
այս
ամէնը,
վասնզի
Գեղամ
Բարսեղեանի
ստորագրութեամբ
մեզի
հասած
էջերուն
մէջ
ապրելու,
ստեղծելու
արարքները,
շատ
զօրաւոր
կերպով
մը
եղած
են
կնիքին
տակը
սա
դուրսին
համար
մութ,
բայց
հոգիին
համար
այնքան
ճակատագրական
մանրամասնութեանց
կշիռին։
Գեղամ
Բարսեղեան
յեղափոխական
մըն
է,
բանաստեղծ
մըն
է
ու...
խմբագիր
մը։
Այս
հաստատումներէն
վերջինը
զիս
պիտի
ձգէր
անտարբեր,
եթէ
երբեք
այդ
խմբագրին
ետին
պակսէր
բանաստեղծը։
Այդ
հաստատումներէն
առաջինը
նիւթ
է
անշուշտ
առանձին
վերլուծման,
բայց
դուրս
կը
մնայ
իմ
ստորագրութեամբ,
իր
ընդարձակութենէն
աւելի
թելադրանքներուն
անհուն
արձագանգովը
։