Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆՈՐԱԾԻՆՆ

ԱՌ ՆԱՌԻՆԱ

Ողջո՜յն եւ քեզ, ո՛վ հրեշտակ…։ Մի՛ վրդովիր, եթէ սիրտ մի աղմըկեալ եւ հոգի հոգած` սպրդեալ կայցէ յանքոյթ հանգրուանս քո…։

ԱԼԻՇԱՆ, Ընդ եղեւնեաւ

Նորէն նուագէ Նառինա. «Տա՜ղ, տա՜ղ, Եղի՛ս.

Տա՜ղ ի վերայ նորափըթիթ Նառիկիս.

Ըսէ՛, դըստրիկս ո՞ւմ նըմանի. մարգարէ՛,

Մանկանս ի՞նչ բախտ է սահմանուած, ո՜հ, յայտնէ՛»։

***

Եւ խոնարհիմ խանձարրոյն վրայ խընկաբոյր,

Թեւօքս իրանն այն պարուրեմ լուսաթոյր.

Եւ յուզուի սիրտս, եւ լըցուին աչքս անձկայրաց.

Նորեկին տեսն ՚յուշ ինձ ածէ բնագաւառս…

 

Բընագաւառն հոգւոյս, ուր բոցք ընդ բուրմունս

Գիրկընդխառնին խորհըրդասքանչ ի փայլմունս.

Շողք յաղբերէն բըղխեալ լուսոյն անապակ,

Բուրմունք վարդից, զոր չանգոսնէ ժամանակ։

 

Այդ անըստուեր, աննիւթ, անճառ աշխարհէն

Կապտեց Նարդիկ այս լուսափայլ քերովբէն.

Տեսլեան մարմին ետ, անեզրին շըրջանակ,

Եւ անուն, ում բացատրութեան ոչ ենթարկ։

***

Ա՜հ, է՞ր հրեշտակն երկնից, ո՜ Նառ այսր ածել.

Փակ են աչկունքն, ո՛չ կամի մեզ ակնարկել.

Զի՞նչ տեսանել, լըսել ունի յաշխարհի.

Նըսեմ ճակատք, հեծք մահացուաց թախծալի՜։

 

Ընդ այս յարկաւ եւ ընդ յարկաւն երկնային,

Քանի՜ դառն յուշք… Քանի՜ք անժամ չըւեցի՜ն.

Քանի՜ հարուածք զմեր խոցեցին սիրտս, եղո՜ւկ.

Թընդացուցին քանի՜ցս այերքն ողբք տըխրուկ…։

 

Մարդ` մանկատի, ինչ ո՛չ տեսնէ, ո՛չ լըսէ

Բայց յաստեղաց յերկինս, յերկրի դալարէ.

Սակայն ապա ծաղիկք, արփիք եւ ծիծռունք

Ընկերակցին մեզ յեղերե՜րգս եւ ի սուգ…։

 

Զի ո՛չ միայն մարդն, այլ բոյսք եւ լոյսք ըզգա՜ն.

Արտասուք է ցօղն, հառաչանք` հողմոց ձայն.

Եւ չը տեսա՞ք կենդանիք, որք յետ տէրանց

Մահուն` ետո՜ւն վախճան կենացն ե՛ւ իւրեանց…։

 

Այսպէ՛ս աշխարհս է համայնք-մարդ, վարդ, թըռչունք,

Տըրտմութեա՜մբ են համակեալ խորք եւ բարձունք.

Ձայն մ՚անպատո՜ւմ, յերազի, թէ յարթմընի,

Կոչէ զիս` ձայն գերաշխարհեան թըռչնիկի՜…։

***

Եւ է՞ր, ո՜ Նառ, յաւելուլ աստ դըժբախտ մ՚ալ…։

Տըրտմութենէն կըրնա՞յ փարթամն, ա՜հ, խոյս տալ։

Ծըծմարք, նաժիշտք, գըգուանք, գոհարք, գօտի, թագ,

Մընան դըստերդ եւ մեծ վարպետք, գիրք, դաշնակ.

 

Մէն մի լացի` մի նուէր, համբոյր` մէն ժըպտի,

Պիտ՚ ընծայուի մանկանդ. այլ ե՞ս հաւաստի

Թէ յիւր ծոցին չը բունի բան մը թագուն,

Որ նախ կոչուի սէ՜ր, ապա դըժբախտութի՜ւն…։

***

Այլ… երբ դըստրիկդ ըլլայ դըժբա՜խտ, հաւատա՛,

Պիտի հըրճուիմ. զի քոյրն հոգւոյս պիտ՚ ըլլայ.

Դըժբախտ հոգին խոտէ պերճանք, շուք ու զարդ,

Բանաստեղծին համեստ ժըպտի, ձօնէ վարդ։

 

Դըժբախտ հոգեակն հո՛գն ունի յար հիւծելոց,

Տառապելոց համայն` ազգաց, թէ՛ մարդոց.

Պիտ՚ ողբայ դա՜ռն ընդ իս աղջիկդ հէգ Դուրեանն.

Եւ պիտի լա՜յ նըսեհին վրայ տանն Հայկեան։

 

Պիտի հայցէ յինէ ձայնիւ սըրտախօ՜ս.

«Եղիա՛, պատմէ կեանքդ ինձ, եւ կեանքն իմ Հայոցս,

Մի՛ զանց առներ եղերական դիպաց շարն.

Զի, գիտեմ, յոյժ տառապած էք դուն` եւ Հա՜յն»։

 

Վիպացս յաւարտ պիտի գոչէ կոյսն. «Եղիա՜ս,

Սիրեմ ե՛ւս զքեզ, նըւիրեմ գանձս ազգիս ւ՚ անձս.

Ո՜վ առաքեալ, կամիմ ընդ քեզ յածիլ ո՛ւր

Հայ կայ, սըփռել հոն լոյս առատ եւ սուրբ հո՜ւր»։

***

«Ո՞ւմ նըման է մանկիկս, ի՞նչ իւր ապագայ».

Հարցիր ինձ, Նա՛ռ, եւ ես ահա խօսեցայ։

Զի ժըտեցար գողնալ յերկնից հրեշտակիկ,

Պատիժ այսպէ՛ս տընօրինեց քեզ երկինք`

-Թէ քան ըզքեզ սիրէ Հրանոյշ քո դըստրիկ

ըզհէ՜գն հայրենիք։

(Գրական եւ Իմաստասիրական Շարժում Բ. տարի, 1884, էջ 97)