Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

LE CŒUR ET LA MAIN

Խորայո՜յզ, Սիրտն ուժգին-ուժգին բաբախէ՜ր.

Հայրան սրտին տարաւ Ձեռքն, որ զայս լըսեց.

«Մարդոյն անդա՜մ վսեմագոյն, ո՜վ իմ Սէր…

Ճակտին երկանց մատունքներովդ դուն օգնես.

Դո՛ւ, դո՛ւ, սրբես արտասուաթոր աչաց շիթ.

Արտօսր անջինջ թղթոյն վրայ տարրացնես.

Աչաց, մըտաց ցոյց տաս զերկին, ըզզենիթ.

Ըսպեղանի մարմնոյն վիրաց դու դընես,

Կցմամբ մատանց զոյգ դու ես, Ձե՜ռք, որ օրհնես.

Դո՜ւ կը մուրա՜ս, կը միւռոնես, կ՚աղօթես։

(Մասիս, 3 Մարտ, 1907)