Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԷՐՔ ՈՒ ՎԷՐՔ

Զով ու մաքուր ջուր բերէ՛ք,

Վէրքէս արիւն կը յորդէ.

Չը պիտ՚ երկար փնտըռէք,

Մարմին` հոգի, համա՜կ վէրք։

 

Արցունքս աղի՜ կը կաթի

Բերանաբաց վիրացս մէջ.

Վէրքըս սո՛ւր-սո՛ւր կըսկըծի,

Վէրքըս, մա՜յր իմ, կըսկըծի։

 

Փուշ ու նիզակ չերեւիր,

Ո՞վ յար յիս վէրք կը բանայ.

Արցունքն աչքէս չի դադրիր.

Դուն ինձ, մա՜յր իմ, ի՞նչ ըրիր։

(Թէոդիկ, Ամէնուն Տարեցոյցը, 1915, էջ 145)