Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏՈՒՆԻ ՎԱՐՊԵՏԸ

«Մայրըս դըպրոց դրաւ զիս (հոսկէ ըսկըսաւ

Քաջ նաւավարն այն պատմութիւնն իւր ամբա՜ւ),

Սագըզցի կին մ՚էր վարժուհիս, ում մայրիկս

Սուրճ ու կըտաւ կը տանէր, որում հայրիկս…

(Լաւ չէր, որ հայրն ալ ընծայ տար վարժուհւոյն)։

Կ՚աշխատէի. ուշիմ էի իբրեւ Յոյն.

Սակայն ուսնիլ ինձ տանջանք մ՚էր արդարեւ,

Նըսեմ խուցին մէջ գոչէի միշտ` արեւ՜։

Ու միշտ մօրմէս կը խնդրէի, որ հանէ

Զիս դըպրոցէն, կընկան քովէն։ Սակայն Նէ

«Տըղա՛ս, կարդա՛, որ մարդ ըլլաս», - ինձ կ՚ըսէր։

Ի զո՜ւր. չը կա՜ր սըրտիս մէջ բնաւ ուսման սէր,

Կամ վարժուհին չը կըրցաւ սէրս արծարծել.

Հուսկ ուրեմըն զիջաւ մայրիկս. «Աղէ՛կ, ե՛լ,

Բայց ի՞նչ գործի կ՚ուզես մըտնել, որդեա՛կ իմ»։

Մայրս ի ծովափ տարի. «Իմ սէր, մըտերիմ,

Միշտ անըրջոցս առարկայն ահա՛, մայրի՛կ.

Քեզմէ յետոյ, ու թերեւս իսկ քեզի չափ

Կը սիրեմ ես այս ծովն անկայ եւ անչափ»։