ՀՈ՜ՒՆԿ,
ՀՈ՜ՒՆԿ
(ԳՐԱՇԱՐՆ
ԱՆՁՆԱՍՊԱՆ)
Երբ
Պէշիկթաշ
կը
բնակէի,
երեկոյին`
ամփոփման
պահուն,
արեգական
վերջին
ճառագայթներուն
եւ
առաջին
ստուերներուն
հետ
ինձ
կը
հասնէր
Սիրքէճիէն
շոգեկառքին
սուլումն,
որ
մասնաւոր
տխրութիւն
մը
կ՚ազդէր
հոգւոյս։
Մելամաղձութեան
բնածին
տրամադրութենէ
մը
զատ,
եթէ
տարուինեան
կամ
բնական
իմաստասիրութեան
տեսողութեամբ
քննուէր
այդ
զգացումն,
հոն
պիտի
գտնուէր
նախնական
ազատ
մարդոյն
դժգոհութիւնն
ընդդէմ
ուղիղ
գծին,
ընդդէմ
կապիչ,
կաշկանդիչ
քաղաքակրթութեան։
Հունկ
գրաշարին
անձնասպանութեան
դէպքէն
յետոյ,
սրտիս
առաւել
եւս
ազդեց
ձայնն
ա՛յն
շոգեկառքին,
որոյ
ներքեւ
հանգուցանել
տարած
էր
հէգ
գրաշարն
իր
յոգնած
գլխիկն,
եւ
երեկոյ
մ՚անզգալապէս
գրեցի
հետագայ
բանաստեղծութիւնն,
ում
ներողամտութեամբ
պիտ՚
ունկնդրէք`
յուսամ։
Գործաւո՜ր
մ՚էր
գըրաշար.
Անունն
ուսայ
մահուա՜նն
հետ.
Կեանքն`
աննըշան,
մահն`
անլուր,
Գործաւոր
մ՚էր
գրաշար,
Անունն`
ՀՈՒՆԿ։
Այն
տառերն,
ո՜հ,
յոյժ
են
սեւ,
Խաւարին
աչք`
հայելով
Մանր
ու
մաշած
ու
մաշի՜չ
Այն
տառերուն
այլաձեւ…
Ձայն
մը…
Հո՜ւնկ…։
Հո՜ւնկ,
հո՜ւնկ.
անցնի
շոգեկառք,
Շոգիաշարժն
այն
քաղաք,
Ոյր
տեսիլն
ու
ձայնն`
հրէշի,
Այլ
ոյր
է
գործն
հրեշտակի.
Հունկ,
հունկ,
հունկ։
Ուղւոյն
վերայ
երկաթեայ,
Զոյգ,
անվախճան,
անանցորդ,
Օղակաւոր
գոգ
իմն
որդ,
Ի
սոյլ,
ի
հեւ
սուրայ
կառքն`
Հունկ,
հունկ,
հունկ։
Մերթ
աղաւնեակք
անդ
թառին,
Հոծ,
ըսպիտակ,
թեւաբա՜ց.
Նոր
իմն
թըւի
ծիր
կաթին
Երկաթուղին
սեւ,
դըժխե՜մ…
Հունկ,
հունկ,
հունկ։
Ի
սոյլ,
ի
հեւ
շոգեկառքն
Հասնի,
տատրակքն
առնուն
թիռ.
Յերկրէ
յերկին
ձիւն
տեղայ
Գո՜գ.
նո՜ր,
դիւթիչ
տեսարան…
Հունկ,
հունկ,
հունկ։
Գործաւորն
հէգ
գընայր
մերթ,
Այսինք
գընայր
կիւրակէ,
Հայիլ
յուղին
եւ
խոկալ,
Հայիլ
յուղին
եւ
հեծել.
Հունկ,
հունկ,
հունկ։
Ի
մէջ
կառացն
նախաթիւ
Խընդային
տեարք
եւ
տիկնայք
Շըքեղազարդ,
վարդավառ.
Փարթամ
էին,
երջանի՜կ…
Հունկ,
հունկ,
հունկ։
Տըժգոյն
դէմքին,
հին
լաթին,
Թերեւս,
աւա՜ղ,
խընդային,
Զոր
գըրաշարն
ունէր
հէ՜գ.
Լայր
գործաւորն
եւ
հեծէր`
Հունկ,
հունկ,
հունկ։
Անհետանայր
կառախումբն.
Սեւ
անողոք
գիծն
երկայն
Գայր,
յերեւան,
մագնիսէր
Խոնաւ
աչերն
հէգ
Հունկին.
Հունկ,
հունկ,
հունկ։
Ընդմէջ
սեւ
զոյգ
գիծերուն`
Տեսնէր
Հունկ
խուցն
անարեւ
Տըպարանին
եւ
իր
տան,
Յորս
իւր
կենաց
խամրէր
վարդ.
Հունկ,
հունկ,
հունկ։
Տենչա՛նք
ազնիւ,
տենչա՜նք
վեհ,
Վառէին
միշտ
յիւրն
ի
սիրտ.
Տենչայր
գըրել
ըզմատեանս,
Զորս
հազիւ
կեայր
շարելով.
Հունկ,
հունկ,
հունկ։
Շարէր
կանգուն,
օրն
ի
բուն.
Յոգնա՜ծ`
նընջել
երթայր
տուն։
Ե՞րբ
նըստէր,
ե՞րբ
աշխատէր,
Որ
ըլլար
ինքն
ալ
գըրող.
Հունկ,
հունկ,
հունկ։
Իւր
դէմի
տան
լուսանցքէն`
Ժըմտէր
անոյշ
այնմ
աղջիկ
Եւ
արձագանգն
այն
ժըպտին
Մինչ
յանուրջս
իւր
կրկնըւէր.
Հունկ,
հունկ,
հունկ։
Սակայն
խոյս
տար
ինք
կուսէն.
Տըպարանէն
ընդունէր
Այնքա՛ն
միայն
դըրամիկ,
Եւ
շուն
փարթամ
կեայ
հազիւ.
Հունկ,
հունկ,
հունկ։
Ձըմեռ
ամառ`
նոյն
ըզգեստ.
Տօն
օր
ու
լուր
օր`
նոյն
ուտեստ.
Առտու
իրիկուն`
նո՜յն
խըշտեակ.
Եւ
նո՜յն
նըսեհն
յաւէտ.
Տէ՜ր…
Հունկ,
հունկ,
հունկ։
Նոյն
կեանք
չըւա՜ռ,
անիծեա՜լ,
Մինչդեռ
համայնք
փոխուէին,
Մինչ
ցայգուն
այգն
յաջորդէր
Մինչ
հաւք
զըւարթ
երգէին…
Հունկ,
հունկ,
հունկ։
Այն
սեւ
տառեր,
մո՛ւթն
այն
խուցք,
Այդ
անարեւ,
անյոյս
կեանք,
Գըրաշարին
ըզգայուն
Անտանելի
թըւեցան…
Հունկ,
հունկ,
հունկ։
Քահանային,
մեծատան,
Ո՜հ,
չը
դիմեց
Հունկ
ընդ
վայր.
Սա
դուռն
իրեն
ցոյց
պի՚տար,
Իսկ
դա`
Դըժոխքն
յաւիտեա՛ն.
Հունկ,
հունկ,
հունկ։
Տըքնեց
գիշեր
մ՚ու
լացա՜ւ,
Եւ
պահիկ
մը
թըմրեցաւ.
Հրեշտակ
մ՚իրեն
երեւցաւ,
Նո՜ր
կեանք
Հունկին
խոստացաւ
Հունկ,
հունկ,
հունկ։
Բացաւ
աչքերն…
անո՜ւրջ
էր.
«Պատրանք»
գոչեց.
«Մահ
միայն
Է
ճըշմարիտ…»։
Այլ
յուզուէր…
Անուրջին
քա՜ղցր
էր
հաւտալ…
Հունկ,
հունկ,
հունկ։
Յուզումն
անլո՜ւր,
անպատո՜ւմ.
Մարտընչէին
կամք
ու
բնազդք.
Վըսեմ
մարտին
այն
ահեղ`
Հանդիսատես,
ո՜հ,
ո՛չ
ոք…
Հունկ,
հունկ,
հունկ։
Որոշա՛ծ
էր…
մեկնեցաւ,
Անգամ
մ՚ետին
նայեցաւ.
Տեսաւ
կուսանն…
ո՜չ
ժպտէր,
Հունկին
հեծիւնն
էր
լըսեր…
Հունկ,
հունկ,
հունկ։
Գընաց
ուղիղ
սեւ
գըծին.
Նայեցաւ
վեր
ու
չորսդին.
Չը՜
կար
Աստուած,
չը՜
կար
մարդ…
Հակեցաւ
ծունկն
ու…
հանդա՜րտ…
Հունկ,
հունկ,
հունկ։
Երկաթին
վրայ
ցո՜ւրտ
ու
սեա՜ւ
Դըրաւ
վըտիտ
վիզն
ու
լուաւ
Շոգեկառքին
սուր
սուլումն…
Եւ
կառքն
անցա՜ւ
հեւալով`
Հունկ,
հունկ,
հունկ։
Յօրէն
հետէ
չարաշո՛ւք
Թըւ՚
ինձ
լըսել
Հունկին
ձայն,
Երբ
անցնի
սեւ
կառախումբ,
Եղերաձայն
հեւալով`
Հունկ,
հունկ,
հունկ։
1885,
Ապրիլ
9,
Պէշիկթաշ
(Երկրագունտ,
1888,
էջ
141)