Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԱՅՌՆ

Օրն ի բուն կուրծքին, կողին ու ճակտին

Ժայռն ընդունեցաւ հարուած կոհակէն.

Մոլեգնութեամբ մը` երկնից կըրակէն

Թըւի՜ մեծասաստ եւ վայրավատին։

 

Գիշեր է. այլեւս կը հանգչի կոհակ.

Ո՜ տիեզերաց խորհուրդ անթափանց,

Որ ժայռի մը խոր բունի` սիրոյ գանձ.

Եւ այդ լերկութիւնն է գեղ բացարձակ։

 

Գիշեր է. գլուխն առիւծի` ալիք

Ժայռին ոտից վրայ դըրած խաղաղիկ

Գառան պէս նընջէ, մինչ ժայռն աչք համակ,

 

Խանդաղատանօք եւ ըզմայլմամբ լիք,

Դիտէ զայն անքո՜ւն, անյա՜գ զերդ մանկիկ,

Կամ զերդ սիրանոյշ քաղցը՜ր, քան լուսնակ։

(Լոյս, 1 Յունուար, 1908)