Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ

Զի Ձեր գիւղին, ո՜վ իմ Հըրանտ, հինգ վայրկեան

Դեռ կար, Եանգօն (ա՛լ չեմ մոռնար յաւիտեան)

Իբր վերջաբան, ո՛չ, իբրեւ ծանօթութիւն

Ըսաւ. «Երեք տեղ կայ նաւավարութիւն.

Արնաուտքէօյ, Գուզկունճուք ու Եէնիքէօյ»։

«Հապա Հիսա՞ր»։ «Չորրորդ` Հիսար, այո՛, Պէյ.

Քըրիստոնեայ քաջ նաւավար հոն ալ կայ,

Հայ Քրիստոնեայ, ազնիւ ազգ, Աստուած վըկա՛յ»։


Իճատիյէ, 2 Օգոստոս, 88

(Արեւելք, 18 Օգոստոս, 1888)