Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՌ ՅԻՍՈՒՍ

Եւ ինձ թըւի, թէ տակաւին ելնես վե՜ր.

Վե՜ր այն լեռնէն, որ Քորեփէն ալ դեռ բարձր,

Սեւ կատարովն երկնից ւ՚ երկրի տայ ըստուեր.

Ըստուեր ահե՜ղ, այլ եւ այնքա՜ն մեղմ ու քաղցր։

 

Ունկանս հնչեն բառք «Քրիստոսի հետեւող»,

Զորս ուսուցին ի մատաղ մանկութեան.

Ոչ հետեւիմ քեզ յաւէտ, Տէ՛ր. ո՜հ, ինձ թո՛ղ.

Եւ սակայն աչքս հետեւին քեզ յաւիտեա՜ն։

 

Այո՛, յաւէտ ըզքեզ տեսնեմ, զքեզ տըխո՜ւր,

Որ տանջանաց նըսեմ լեռնէն ելնես վեր.

Եւ ծանրանայ մէն մի քայլիդ խաչդ. եւ հուր`

Ճակատդ այրէ, զի ծալած են մեր թեւեր։

 

Թեւք մեր, աւա՜ղ երբեմն յերկինս վերամբարձ,

Ամփոփուեցան գամ քան ըզգամ. եւ այսօր,

Կըրծոց վըրայ մեր, խաչաձեւ, խոնարհած,

Ճընշեն ըզսիրտ։ Սիրոյ փոխան իշխէ Զօր։

 

Եւ ես աչօք արտասուալից (հէ՜գ պըւէտ)-

Զքէզ դիտեմ, Յիսո՛ւս, աստուա՛ծդ իմ ւ՚ եղբայր.

Լըսեմ հեծիւնդ, ո՛չ եւս ըզբանսդ երկնաւէտ.

Բանք երկնամարտ, նոքա՜ լընուն ըզմեր դար։

 

Վերլուծեն այժմ Աւետարանդ տարրալոյծք.

Եւ երկրաչափք չափել ըզխաչ քո ժըտին.

Աստեղագէտք` երկնից շաւղացն ուցեցոյցք`

Ըզքոյին աստղ ոչ յարեւելս, ո՜հ գըտին։

 

Զայս ամենայն լըսես, տեսնես, ո՜վ Յիսուս.

Յոգւո՜ց հանես, աղերսաւոր հայիս վե՜ր.

Չերեւի՜ Հայրդ. ըզխաչն ըզգաս յոյժ ծանր յուս.

Եւ վերձայնես. «Աստուա՛ծ իմ, է՞ր զիս թողեր»։

 

Կաս առանձի՜ն ընդմէջ երկրին եւ երկնից։

Վերուստ ոչ ձայն, քեզ վարի ձայնք յուրաստ կան։

Զոր բուժեցիր, ո՞ւր են հիւանդք կեղալից.

Ո՞ւր Ղազարոս, զոր յարուցիր։ Ո՞ւր Յովհան։

 

Ո՞ւր մարգարէք. շիրիմք իւրեանց` լո՜ւռ, հային։

Ո՞ւր մարտիրոսք. իւրեանց ոսկերք շարժին ոչ։

Եւ սուրբ մատեանքն, ազգաց փարոսք երկնային,

Կան յըստուերին, եւ գոգցես իմն են դողդո՜ջ։

 

Ըզքեզ տեսնեմ, որ միշտ ելնես լեռնէն վեր.

Եւ միշտ հեծես, հիւծիս, կըքիս, լըքանի՜ս.

Ըզգամ, թէ մահդ է մերձ, եղբա՛յր իմ եւ Տէ՜ր,

Եւ բանամ սիրտս, զի հոն, Յիսո՛ւսդ իմ, հանգչիս…։

1885
(Երկրագունտ, 1886, էջ 68)