ՅԻՄԱՐ
ԱՐՇԱՒ
ԱՌ
ԱՍՔԱՆԱԶ
ՊԵՏՕ
Պետօ՛,
մակոյկդ
իջեցուր,
Հեւաթռի՜
հովն,
եռայ
ջուր։
Օ՜ն,
հեռանանք
ցամաքէն,
Սէր
չունի՜մ`
բաց
յալեակէն։
Կաթնեայ
ուղւոյն
երկնային
Տակէն
սուրա՜նք.
թո՛ղ
նային
Աստեղք
ոսկի
նախանձով
Յերերածուփ
փրփուր
ծով։
Կապոյտ
ծովուն
վըրայէն
Ճառագայթեց
ծովահէն.
Վազենք
արփւոյն
ետեւէն,
Որքա՛ն
ալ
վազք
մեր
տեւեն։
Դիք
յերկինս
յարդ
գողնան
թող,
Մեր
աւարն
է
ոսկի
շող։
Շուտ
առագաստ
բա՛ց,
Պետո՛յ,
Չէ
մեր
արշաւն
այս
խոտոյ։
Քաջ
ո՞
նաւազ,
քան
ըզքեզ,
Իսկ
ես`
շողոյն
անձկակէ՜զ.
Արփին
նորէն
չելած
վեր`
Պիտի
ստացուածքն
ըլլայ
մեր։
«Յիմա՜ր
արշաւ,
պիտ՚
ըսեն
Ըզմեզ
դիտողք
փարոսէն.
Ընդվայրուռո՜յց
առագաստ,
Ո՞վ
տիրացաւ
արփւոյն
աստ»։
Յիմա՜ր
արշաւ,
ոյց
աստէն
Երջանկութեան
ետեւէն
Տենդիւ
վազեն
անվըհատ։
Պետո՛,
պարզէ՛
առագաստ,
Ու
հեռանա՜նք
ցամաքէն.
Չունիմ
սէր`
բաց
յալեակէն.
Վազե՜նք
արփւոյն
ետեւէն
Որքա՛ն…
այս
կեանք
մեր
տեւեն։
Գատըքէօյ,
27
Ապրիլ,
1893
(մայրամուտին)
Հայ
Գրականութիւն,
1-14
Յունիս,
1912,
թիւ
12,
Միքայէլ
Ս.
Կիւրճեանի
կողմէ`
մասնաւոր
յօդուածով
մը։
(Թէոդիկ,
Ամէնուն
Տարեցոյցը,
1925,
էջ
31)