ԵՐԿՈՒ
ԳԱՌՆՈՒԿՆԵՐ
ԱՌ
ՔԱՄԱՌ-ՔԱԹԻՊԱ
Աղապապա
՜.
ինծի
աղուոր
խուզի
մ՚առ.
Պըզտիկ
ըլլա՜յ,
խարակէօզ
ու
ճերմակ
գառ։
Նայէ՛,
խոտերն
ի՜նչտար
մենծցան,
էրկընցան…
Մէջն
է
մըտեր,
կը
կոխկըռտէ
Մարիցան։
Մեղքը
չէ՞,
Հա՛յր.
պոռա՛,
կանչէ
քուրիկիս…։
Հովիւն
ալ
նա՛,
կ՚անցնի.
կանչէ՛,
գառնուկիս
Համար
ըսէ…։
Բէ՞ք
շատ
փարայ
պիտի
տաս.
Մայիսին
կաթ
չի՞
տար…
Ինչո՞ւ
կը
խընդաս…
Շատ
խոտ
կու
տամ,
բոլոր
օրը
թո՛ղ
ուտէ.
Ա՜ն
մէկդիէն
կը
բուսնի,
ջուրն
ալ
մօտ
է.
Առտու
իրկուն
ես
ջուր
կու
տամ
հաւուզէն
…
Գառնուկիս
ալ
տա՞մ
ան
ջուրէն,
չըլլայ
զէն…
Հայրի՛կ,
ընտո՞ր
ջուրը
կաթի
կը
փոխուի…
Երկինքէն
ալ
լուսինն
ընտո՞ր
կը
կախուի…
Նայէ՜,
հայրի՛կ,
գիտես
քի
կաթ
են
թափեր
Երկինքը.
հո՞ն
ալ
գառներ
կան,
հոնկէ
բե՛ր.
Պազի
պազի
լուսընկան
ալ
պույնուզի
Մը
կ՚ըլմանի.
իրա՞ւ,
հայրի՜կ,
հոն
խուզի
Կա՞յ.
ամա
մենք,
ընտո՞ր
կ՚ըլլայ,
չենք
տեսնար։
Աճապ
գա՞ռ
են
մանտըր
լուսերն
անհամար.
Առտուն
կանուխ
լե՞ռը
կ՚իջնան,
խո՞տ
կ՚ուտեն,
Կանանչ
խոտերն
ըսել
է
քի
լուս,
սիւտ
են…։
Հովիւն
անցաւ,
չի
կանչեցիր
նէ,
հայրի՛կ.
Նորէն
կու
գա՞յ…
պըզտիկ,
ճերմակ
կըլորիկ
Գառ
մը
զատենք…
թող
տը
չի՞
տար
չօպանը.
Ծաղիկ
կու
տանք.
ու
ես…
իրեն
գրպանը…
Ոսկի
հաւկիթս
ալ
կը
դընեմ,
որ
տանի
Իրեն
տղուն.
ան
ալ
աճապ
գառ
ունի՞…։
Աղուոր
հայրի՛կ,
աղէկ
որ
դուն
չօպան
չես.
Ան
ի՜նչ
մարդ
է,
մունտառ,
չիրքին,
սեւերես…
Ամա
չօպան
ըլլայիր
նէ,
շատ
խուզի
Կ՚ունենայի…։
Չօպան
մըն
ա՜լ,
նա՜.
խուզի՜,
Խուզի
կ՚ուզեմ,
աղապապա
՛,
կանչէ,
բա՛ց
Չափուխ
դուռը.
Մառի՛,
քաշէ՛,
դուռը
բաց…։
***
Խուզիս,
նա՛,
խոտ.
ջո՞ւր
ալ
կ՚ուզես.
մի՛
պոռար.
Ինծի
նայէ՛…։
Է՛շը.
չէ՛,
ան
չի
զըռար։
Հայրի՛կ,
խուզիս
կը
վախնայ
կոր
մեր
էշէն.
Ըսէ՛,
կըտոր
մը
թո՛ղ
եուլարը
քաշեն.
Անկաճները
էրկա՜ն-էրկա՜ն
տընկեր
է.
Աչուըներն
ալ
խոշո՜ր-խոշո՜ր…։
Եկեր
է
Աղամուճաս.
թող
էշը
ներս
տանի,
հա՞.
Էյէր
մէյ
մը
հանէ
ծանը`
հիիհա
՜,
Խուզիիս
բանը
բուսած
է։
Աղուորի՜կ,
Ան
ի՜նչ
կակուղ,
կըլոր,
բամպակ,
գէր
փորիկ.
Երեսս
նայէ՛.
տահա
պույնուզ
ալ
չունիս.
Թուշըդ
սիրե՜մ.
մեր
պախճային
կը
հաւնի՞ս.
Բիւթին
քուկտ
էն
աս
խոտերը,
կե՛ր,
մենծծի՛ր…։
Ամա՜ն,
ինչո՞ւ
չուվանն
ատանկ
փաթտեցիր.
Հիմակ
ընտո՞ր
խալըսեմ
քեզ.
մի՛
դառնար.
Կեցի՛,
խուզի՛ս.
կը
խըխտըվիս…
Չեմ
կըրնար…
Աղամուճա
՜,
հասի՜ր,
ծանը
մարեցաւ…
Էս
հիչ
կ՚ընե՞մ.
ինք
ըրաւ,
փաթտըվեցաւ.
Պօռա՜ց,
պօռա՜ց…
ի՞նչ
ընենք,
ընտո՞ր
կապենք.
Քակե՛նկ
կապը…
կամաց
ըրէ…
նայէ՛,
պէնկ
Աչուկին
քով,
աղամուճա.
աղուոր
չէ՞,
Քուրիկիս
շունն
իմ
գառնուկիս
քով
ի՞նչ
է։
Թօփիկ
խուզի՛ս,
թօնթօ՜շ,
պագնեմ
էրեսդ.
Ճակատ
ճակտի՞.
սիրե՛մ
պըզտի
քու
թօսըդ…
Ազատեցի՞ր,
աղամուճա՛,
տո՛ւր
քուկին
Ծառքդ
ալ
պագնեմ,
բան
մ՚ըսե՛ր
հայրիկին.
Էս
սորվեցայ
կերպը,
մէյ
մըն
ալ
չըլլար։
Աղամուճա
՛,
մինակ
մընայ
նէ,
չի՞
լար…։
Եա
գիշե՜րը…։
Օտաս
տեղ
կայ…
վեր
տանի՞նք.
Անո՜ւշ-անո՜ւշ
գիշերը
կը
քընանանք.
Թըփըր-թըփըր
առտուն
ալ
պախճան
կ՚իշնանք։
***
Մի՛,
մի՛
պօռար,
աղուոր
խուզի՛ս,
էս
հոս
եմ.
Ինծի
դարձի՛ր,
էրեսդ
էրեսիս
քըսե՜մ.
Ախպարիկս
էս.
ունեցածըս
քույինն
է.
Ճերմակ
խուզի՛ս,
ալ
չեմ
զատուիր
ես
քենէ.
Ինծի
ինչ
բան
որ
բերէ
աղապապան
Կէսը
քուկդ
է։
Նըշխարք
կ՚ուզե՞ս.
Տէր
Պապան
Վաղը
կու
գայ…։
Ա՜խ,
մէյ
մը
որ
կաթ
տայի՜ր։
Խոտ
կե՛ր,
խուզի՛ս,
շատ
կե՛ր…։
Առաջ
ո՞ւր
էյիր.
Վե՞րն,
էրկի՞նքը.
հովիւն
անկէ՞
քեզ
առաւ.
Նորէն
չըլլա՜յ
որ
հոն
էրթաս…։
Ի՞նչ,
ծառա՞ւ…
Ջուր
տամ
քեզի.
չի
պիտի
հոն
էլլաս,
հա՞.
Վար
իյնաս
նէ՜,
կըտոր-կըտոր
կ՚ըլլաս
հա՜.
Դուն
մի՛
զատուիր
քովէս,
աղուոր
իմ
խուզիս.
Ամա
թէ
որ
ախպարիկներ
վերն
ունիս,
Ժամուն
մէջէն
էրկինք
հանող
ճամբայ
կայ.
Պըտըտելու
կ՚երթանք
օր
մը.
հետ
կու
գայ
Մեր
Տէր
Պապան,
որ
գառները
կը
սիրէ.
Ու
գիտե՞ս,
ի՞նչ
կ՚ըսէ,
իս
երբ
համբուրէ.
«Գառնո՛ւկ,
անմեղ
գառնո՛ւկ,
տէ՛,
քովիկս
եկո՛ւ»։
Գառնուկն
հիմայ,
Տէր
Պապա՛ս,
էղաւ
էրկու…։
Ապրիլ,
1885,
Պէշիկթաշ
(Գրական
եւ
Իմաստասիրական
Շարժում,
Դ.
տարի,
1886,
էջ
110)